ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

1 1 Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ եւ իր հրեշտակին ձեռքով ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային իմացուց, Որ Աստուծոյ խօսքին վկայութիւնը ըրաւ ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութիւնը՝ ինչ որ տեսաւ։ Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի ժամանակը մօտ է։

ԲԱՐԵՒ ԵՕԹԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիոյ մէջ են, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Անկէ որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր աթոռին առջեւ են Եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներէն յարութիւն առնողներէն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը. Անոր որ մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց Եւ մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով. անոր փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին։ Անոր վրայ կոծ պիտի ընեն երկրին բոլոր ազգերը։ Այո՛, Ամէն։ «Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան», կ’ըսէ Տէր Աստուած, «որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը»։

ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ

Ես Յովհաննէս ձեր եղբայրը եւ Յիսուս Քրիստոսին նեղութեանը ու արքայութեանը եւ համբերութեանը մէջ ընկերակիցը, Պատմոս ըսուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար։ 10 Եւ կիրակի օրը Հոգին իմ վրաս եկաւ ու ետեւէս մեծ ձայն մը լսեցի փողի ձայնի պէս, որ կ’ըսէր. 11 «Ինչ որ կը տեսնես, գրքի մը մէջ գրէ ու ղրկէ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Եփեսոսի, Զմիւռնիայի, Պերգամոնի, Թիւատիրի, Սարդիկէի, Փիղադեղփիայի եւ Լաւոդիկիայի մէջ են»։ 12 Եւ դարձայ այն ձայնին կողմը, տեսնելու թէ ո՞վ է ինծի խօսողը։ Երբ դարձայ՝ եօթը ոսկեղէն աշտանակներ տեսայ 13 Եւ եօթը աշտանակներուն միջեւ՝ մէկը Որդի Մարդոյ նման՝ պճղնաւոր պատմուճան մը հագած ու կուրծքին վրայ ոսկի գօտի մը կապած։ 14 Իր գլուխը եւ մազերը բուրդի ու ձիւնի պէս ճերմակ էին եւ իր աչքերը՝ կրակի բոցի պէս։ 15 Իր ոտքերը՝ ոսկեպղինձի նման, որպէս թէ հնոցի մէջ կրակ դարձած ու իր ձայնը՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս 16 Եւ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունէր ու իր բերնէն սրած երկբերան սուր մը կ’ելլէր եւ իր երեսը արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի։ 17 Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս ու իր աջ ձեռքը իմ վրաս դրաւ ու ըսաւ ինծի. «Մի՛ վախնար. ես եմ Առաջինը ու Վերջինը։ 18 Ես կենդանի եմ ու ես ա՛ն եմ որ մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ես ունիմ մահուան ու դժոխքին բանալիները։ 19 Ուստի գրէ ինչ որ կը տեսնես, զայն որ կայ ու զայն որ ետքը պիտի ըլլայ. 20 Եօթը աստղերուն խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները եօթը եկեղեցիներն են»։

ՊԱՏԳԱՄ ԵՓԵՍՈՍԻՆ

2 1 «Եփեսոսի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի ու եօթը ոսկեղէն աշտանակներուն միջեւ կը պտըտի. ‘Գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են։ Համբերութիւն ունենալով՝ նեղութիւն կրեցիր իմ անուանս համար ու չթուլցար։ Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր։ Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար ու ապաշխարէ եւ քու առաջուան գործերդ ըրէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու քու աշտանակդ իր տեղէն պիտի շարժեմ՝ եթէ չապաշխարես։ Բայց ասիկա ունիս որ Նիկողայոսեաններուն գործերը կ’ատես, որոնք ես ալ կ’ատեմ։ Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. Ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է’»։

ՊԱՏԳԱՄ ԶՄՈՒՌՆԻԱՅԻՆ

«Եւ Զմիւռնիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ Առաջինը ու Վերջինը, որ մեռաւ ու կենդանացաւ. ‘Գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ, բայց հարուստ ես, ու անոնց հայհոյութիւնը՝ որ կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են, բայց չեն հապա Սատանայի ժողովուրդ։ 10 Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ։ 11 Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն։ Ան որ կը յաղթէ, երկրորդ մահէն պիտի չվնասուի’»։

ՊԱՏԳԱՄ ՊԵՐԳԱՄՈՆԻՆ

12 «Պերգամոնի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ սրած երկբերան սուրը ունի. 13 ‘Գիտեմ քու գործերդ եւ թէ ո՞ւր կը բնակիս, այսինքն Սատանային աթոռին եղած տեղը ու իմ անունս կը պահես եւ իմ հաւատքս չուրացար այն օրերն անգամ՝ երբ Անթիպաս՝ իմ հաւատարիմ վկաս՝ սպաննուեցաւ ձեր մէջ, ուր Սատանան կը բնակի։ 14 Բայց քեզի դէմ քիչ մը բան ունիմ, որ հոդ Բաղաամին վարդապետութեանը հետեւողներ կան, որ Բաղակին սորվեցուց Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գայթակղութիւն դնել, որպէս զի անոնք կուռքերու զոհուածներ ուտեն ու պոռնկութիւն ընեն։ 15 Ասկէ զատ դուն Նիկողայոսեաններուն վարդապետութեան հետեւողներ ունիս, որը ես կ’ատեմ։ 16 Ուստի ապաշխարէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու իմ բերնիս սրովը պիտի պատերազմիմ անոնց հետ։ 17 Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. Ով որ կը յաղթէ, պահուած մանանայէն ուտել պիտի տամ անոր ու ճերմակ խիճ մը պիտի տամ անոր եւ այն խիճին վրայ նոր անուն մը գրուած, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի’»։

ՊԱՏԳԱՄ ԹԻՒԱՏԻՐԻՆ

18 «Եւ Թիւատիրի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ կրակի բոցի պէս աչքեր ունի ու իր ոտքերը ոսկեպղնձի նման են. 19 ‘Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են։ 20 Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ, որ կը թոյլատրես Յեզաբէլ կնոջ, որ ինքզինք մարգարէուհի անուանէ ու իմ ծառաներս մոլորեցնելով՝ սորվեցնէ պոռնկութիւն ընել եւ կուռքերու զոհուածներ ուտել։ 21 Ես անոր ժամանակ տուի իր պոռնկութեանը համար ապաշխարելու, բայց չապաշխարեց։ 22 Ահա ես զանիկա անկողին պիտի ձգեմ ու անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ նեղութեան մէջ, եթէ իրենց գործերուն համար չապաշխարեն։ 23 Անոր զաւակները պիտի մեռցնեմ ու բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան թէ ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ։ 24 Ձեզի՛ կ’ըսեմ՝ միւսներուդ՝ որ Թիւատիրի մէջ էք բայց այս վարդապետութիւնը չունիք, որ չճանչցաք Սատանային ծածուկ բաները, ինչպէս կ’ըսեն, Ձեր վրայ ուրիշ ծանրութիւն չեմ ձգեր. 25 Հապա զայն որ ունիք՝ պահեցէք մինչեւ ես գամ։ 26 Եւ ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, 27 Եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին. 28 Ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի ու անոր պիտի տամ առաւօտեան աստղը։ 29 Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։

ՊԱՏԳԱՄ ՍԱՐԴԻԿԷԻՆ

3 1 «Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ անիկա որ ունի Աստուծոյ եօթը Հոգիները ու եօթը աստղերը. ‘Գիտեմ քու գործերդ՝ որ դուն անուն ունիս թէ կենդանի ես, բայց մեռած ես։ Արթո՛ւն կեցիր եւ հաստատէ՛ մնացած բաները, որոնք մեռնելու վրայ են, վասն զի քու գործերդ Աստուծոյ առջեւ կատարեալ չգտայ։ Հիմա միտքդ բեր թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր ու լսեցիր ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. բայց եթէ արթննալու չըլլաս, գողի պէս քու վրադ պիտի գամ ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՞ր ժամուն քու վրադ պիտի գամ։ Սակայն քանի մը անձեր ունիս Սարդիկէի մէջ, որոնք իրենց հանդերձները չաղտոտեցին եւ ճերմակներով պիտի պտըտին ինծի հետ, քանզի արժանի են։ Ան որ կը յաղթէ՝ ճերմակներ պիտի հագնի ու ես անոր անունը կենաց գրքէն պիտի չաւրեմ եւ անոր անունը պիտի դաւանիմ իմ Հօրս առջեւ ու անոր հրեշտակներուն առջեւ։ Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։

ՊԱՏԳԱՄ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻՆ

«Եւ Ֆիլատելֆիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ այն Սուրբը, այն Ճշմարիտը որ Դաւիթին բանալին ունի, որ կը բանայ ու մէ՛կը չկայ որ գոցէ եւ կը գոցէ ու մէ՛կը չկայ որ բանայ. ‘Գիտեմ քու գործերդ։ Ահա քու առջեւդ բացուած դուռ մը դրի, որ մէ՛կը չի կրնար գոցել. վասն զի դուն քիչ մը կարողութիւն ունիս եւ իմ խօսքս պահեցիր ու իմ անունս չուրացար։ Ահա ես քեզի կու տամ Սատանային ժողովէն եղողները, որոնք կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են ու չեն, հապա սուտ կ’ըսեն։ Պիտի ստիպեմ զանոնք որ գան ու երկրպագութիւն ընեն քու ոտքերուդ առջեւ եւ գիտնան թէ ես քեզ սիրեցի։ 10 Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ՝ երկրի երեսը բնակողները փորձելու համար։ 11 Ահա ես շուտով պիտի գամ։ Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէս զի մէ՛կը չառնէ քու պսակդ։ 12 Ան որ կը յաղթէ, զանիկա իմ Աստուծոյս տաճարին մէջ սիւն մը պիտի ընեմ ու ալ դուրս պիտի չելլէ։ Անոր վրայ իմ Աստուծոյս անունը պիտի գրեմ ու իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն նոր Երուսաղէմին, որ երկնքէն իմ Աստուծմէս կ’իջնէ եւ իմ նոր անունս. 13 Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։

ՊԱՏԳԱՄ ԼԱՒՈԴԻԿԷԻՆ

14 «Եւ Լաւոդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը. 15 ‘Գիտեմ քու գործերդ, որ ո՛չ պաղ ես ու ո՛չ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք։ 16 Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ։ 17 Քանզի կ’ըսես. «Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ»։ Բայց չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ։ 18 Ես քեզի խորհուրդ կու տամ. Ինձմէ կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ, որպէս զի հարստանաս ու ճերմակ հանդերձներ՝ որպէս զի հագնիս, որպէս զի քու ամօթալի մերկութիւնդ չերեւնայ եւ աչքերուդ դեղ դիր, որպէս զի տեսնես։ 19 Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛։ 20 Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ. եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ եւ անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ, ան ալ ինծի հետ։ 21 Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ։ 22 Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։

ԵՐԿՆՔԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

4 1 Այս բաներէն ետքը տեսայ, թէ երկնքի մէջ բացուած դուռ մը կար։ Առաջին ձայնը որ լսեցի՝ փողի նման էր, որ ինծի հետ կը խօսէր ու կ’ըսէր. «Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ»։ Եւ շուտ մը Հոգին իմ վրաս եկաւ։ Տեսայ թէ աթոռ մը դրուած էր երկնքի մէջ։ Աթոռին վրայ մէկը նստեր էր։ Նստողը յասպիս ու սարդիոն քարերու երեւոյթին նման էր։ Աթոռին շուրջը քահանաներ՝ զմրուխտի երեւոյթով եւ այդ աթոռին բոլորտիքը քսանչորս աթոռներ եւ այն աթոռներուն վրայ քսանչորս երէցներ նստեր էին ճերմակ հանդերձներ հագած ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին։ Աթոռէն փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ կ’ելլէին։ Աթոռին առջեւ եօթը հատ բորբոքած կրակի լամբարներ կային, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն էին։ Աթոռին առջեւ ապակեղէն ծով մը՝ ակնվանիի նման եւ աթոռին մէջ ու աթոռին բոլորտիքը՝ չորս կենդանիներ, որոնք աչքերով լեցուն էին առջեւէն ու ետեւէն։ Առաջին կենդանին առիւծի նման էր ու երկրորդ կենդանին՝ զուարակի նման եւ երրորդ կենդանին՝ մարդու երես ունէր ու չորրորդ կենդանին՝ թռչող արծիւի նման։ Չորս կենդանիներէն իւրաքանչիւրը շուրջանակի վեց վեց թեւ ունէր ու ներսէն աչքերով լեցուն ու չէին հանգչեր ո՛չ ցորեկը ո՛չ ալ գիշերը՝ ըսելով. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ»։ Երբ այն կենդանիները փառք ու պատիւ եւ գոհութիւն կու տային աթոռին վրայ նստողին, որ կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից, 10 Քսանըչորս երէցները աթոռին առջեւ կ’իյնային ու երկրպագութիւն կ’ընէին յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին։ Իրենց պսակները աթոռին առջեւ կը ձգէին՝ ըսելով. 11 4։10 «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։

ԿՆՔՈՒԱԾ ԳԻՐՔԸ ԵՒ ԳԱՌՆՈՒԿԸ

5 1 Աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքը գիրք մը տեսայ՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքով կնքուած։ Զօրաւոր հրեշտակ մը տեսայ, որ մեծ ձայնով կը կանչէր. «Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու եւ ատոր կնիքները քակելու»։ Բայց ո՛չ երկնքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ ու ո՛չ երկրի տակ գտնուեցաւ մէկը՝ որ կարող ըլլար այն գիրքը բանալ, ո՛չ ալ անոր նայիլ։ Ես ալ սաստիկ կու լայի՝ քանի որ մէ՛կը արժանի չգտնուեցաւ այն գիրքը բանալու ո՛չ ալ անոր նայելու։ Ու երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ ու անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ»։ Տեսայ թէ աթոռին ու չորս կենդանիներուն մէջտեղ եւ երէցներուն մէջտեղ կայնած Գառնուկ մը կար, որպէս թէ մորթուած, որ եօթը եղջիւր ու եօթը աչք ունէր, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են, որ բոլոր երկիր կը ղրկուին։ Անիկա եկաւ ու աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքէն գիրքը առաւ։ Երբ գիրքը առաւ, չորս կենդանիներն ու քսանըչորս երէցները Գառնուկին առջեւ ինկան եւ ամէնքն ալ քնարներ ունէին ու ոսկիէ խնկամաններ՝ խունկով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են։ Նոր երգ մը կ’երգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես դուն այդ գիրքը առնելու եւ ատոր կնիքները քակելու. վասն զի մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ 10 Եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք»։ 11 Եւ նայեցայ՝ նաեւ շատ հրեշտակներու ձայն լսեցի, որոնք աթոռին ու կենդանիներուն եւ երէցներուն բոլորտիքն էին ու անոնց թիւն էր բիւր բիւրաւոր եւ հազար հազարաւոր. 12 Որոնք մեծ ձայնով կ’ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու»։ 13 Բոլոր արարածները, որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ու երկրի տակ եւ ծովու մէջ ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կային՝ լսեցի որ կ’ըսէին. «Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից»։ 14 Եւ չորս կենդանիները կ’ըսէին. «Ամէն» ու երէցները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին։

ԿՆԻՔՆԵՐԸ

6 1 Ապա տեսայ, երբ Գառնուկը կնիքներէն մէկը քակեց, չորս կենդանիներէն մէկէն որոտումի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ Ու տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց։

Ու երբ երկրորդ կնիքը քակեց, երկրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Եկուր»։ Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ։

Երբ երրորդ կնիքը քակեց, երրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։ Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր»։

Երբ չորրորդ կնիքը քակեց, չորրորդ կենդանիէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ Տեսայ դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մահ էր եւ Դժոխքը անոր ետեւէն կ’երթար ու անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ երկրին չորրորդ մասին վրայ, որ սրով ու սովով եւ մահով ու երկրի գազաններով սատկեցնեն։

Երբ հինգերորդ կնիքը քակեց, սեղանին տակ տեսայ այն մարդոց հոգիները, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին համար ու անոր վկայութեանը համար՝ որ իրենք տուած էին։ 10 Եւ մեծ ձայնով աղաղակեցին. «Ո՛վ սուրբ ու ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն»։ 11 Ճերմակ հանդերձներ տրուեցան անոնց ու ըսուեցաւ անոնց, որ քիչ մը ատեն ալ հանգչին, մինչեւ անոնց ծառայակիցներն ու անոնց եղբայրները լման ըլլան՝ որոնք իրենց պէս պիտի սպաննուէին։

12 Տեսայ, երբ վեցերորդ կնիքը քակեց, մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, արեւը սեւցաւ մազեղէն քուրձի մը պէս, լուսինը բոլորովին արիւնի պէս եղաւ 13 Ու երկնքի աստղերը գետինը թափթփեցան, ինչպէս սաստիկ հովէն շարժուած թզենին իր տհաս պտուղները կը թափէ 14 Եւ երկինք գալարուող տոմսի մը պէս կը քաշուէր ու բոլոր լեռները եւ կղզիները իրենց տեղերէն շարժեցան։ 15 Երկրին թագաւորները եւ մեծամեծներն ու հարուստները, հազարապետները եւ զօրաւորներն ու բոլոր ծառաներն ու բոլոր ազատները քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներուն մէջ պահուըտեցան 16 Եւ լեռներուն ու ապառաժներուն կ’ըսէին. «Մեր վրա՛յ ինկէք ու մեզ ծածկեցէ՛ք անոր երեսէն՝ որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին բարկութենէն։ 17 Վասն զի անոր բարկութեանը մեծ օրը եկաւ եւ ո՞վ կրնայ դիմանալ»։

ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻ 144,000 ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

7 1 Անկէ յետոյ տեսայ չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին, որպէս զի երկրի վրայ հով չփչէ, ո՛չ ծովու վրայ, ո՛չ ալ ծառի մը վրայ։ Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ արեւելքէն եկաւ ու Կենդանի Աստուծոյ կնիքը ունէր եւ մեծ ձայնով աղաղակեց այն չորս հրեշտակներուն, որոնց իշխանութիւն տրուած էր երկրին ու ծովուն վնասելու Ու ըսաւ. «Երկրին վնաս մի՛ ընէք, ո՛չ ծովուն, ո՛չ ծառերուն, մինչեւ մեր Աստուծոյն ծառաներուն ճակատները կնքենք»։ Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար՝ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ցեղերէն։ Յուդային ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ռուբէնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Գադին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ասերին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Նեփթաղիմին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Մանասէին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Շմաւոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ղեւիին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Իսաքարին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Յովսէփին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Բենիամինին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած։

ՄԵԾ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձներ հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած 10 Եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։ 11 Եւ բոլոր հրեշտակները, որ աթոռին ու երէցներուն եւ չորս կենդանիներուն բոլորտիքը կեցեր էին, իրենց երեսներուն վրայ աթոռին առջեւ ինկան ու Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին, 12 Ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։ 13 Ու երէցներէն մէկը ինծի ըսաւ. «Ասոնք որ ճերմակ հանդերձներ հագած են՝ ո՞վ են եւ ուրկէ՞ եկան»։ 14 Ես ալ ըսի անոր. «Տէ՛ր իմ, դուն գիտես»։ Ըսաւ ինծի. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին. 15 Անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ։ 16 Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ. 17 Վասն զի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԿՆԻՔԸ

8 1 Երբ եօթներորդ կնիքը քակեց, լռութիւն մը տիրեց երկինքը՝ կէս ժամու չափ։

Տեսայ այն եօթը հրեշտակները, որոնք Աստուծոյ առջեւ կը կայնէին։ Անոնց եօթը փող տրուեցաւ։ Ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ սեղանին առջեւ կայնեցաւ։ Ոսկեղէն խնկանոց մը ունէր։ Իրեն շատ խունկ տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր սուրբերուն աղօթքներուն հետ աթոռին առջեւ եղող ոսկի սեղանին վրայ մատուցանէ։ Խունկերուն ծուխը սուրբերուն աղօթքներուն հետ հրեշտակին ձեռքէն Աստուծոյ առջեւ ելաւ։ Հրեշտակը առաւ խնկանոցը ու անոր մէջ սեղանին կրակէն լեցուց եւ ձգեց երկրին վրայ։ Ձայներ եւ որոտումներ ու փայլակներ ու երկրաշարժ եղան։

ՓՈՂԵՐԸ

Եօթը հրեշտակները, որոնք եօթը փողեր ունէին, պատրաստուեցան որ հնչեցնեն։

Առաջին հրեշտակը փողը հնչեցուց ու եղաւ կարկուտ ու կրակ արիւնով խառնուած ու երկրի վրայ ձգուեցաւ, ու երկրին երրորդ մասը այրեցաւ, եւ ծառերուն երրորդ մասն ալ այրեցաւ ու բոլոր կանանչ խոտերը այրեցան։

Երկրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց եւ բան մը, որպէս մեծ լեռ մը՝ կրակով բռնկած՝ ծովը ձգուեցաւ։ Ծովուն երրորդ մասը արիւն եղաւ Եւ ծովուն մէջի շնչաւոր արարածներուն երրորդ մասը մեռաւ ու նաւերուն երրորդ մասը ընկղմեցաւ։

10 Երրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքէն մեծ աստղ մը՝ լամբարի պէս բորբոքած՝ գետերուն ու ջուրի աղբիւրներուն երրորդ մասին վրայ ինկաւ։ 11 Այն աստղին անունը Օշինդր էր ու ջուրերուն երրորդ մասը օշինդր եղաւ եւ շատ մարդիկ ջուրերէն մեռան, քանզի դառն էին։

12 Չորրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու արեւին երրորդ մասը եւ լուսնին երրորդ մասը ու աստղերուն երրորդ մասը զարնուեցան, այնպէս որ անոնց երրորդ մասը խաւարեցաւ եւ օրուան երրորդ մասը լոյս չտուաւ, նոյնպէս ալ՝ գիշերուանը։

13 Նայեցայ ու երկնքի մէջ թռչող հրեշտակի մը ձայնը լսեցի, որ մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ երկրի վրայ բնակողներուն՝ այն մնացած փողի ձայներուն համար, որոնք երեք հրեշտակները պիտի հնչեցնեն»։

9 1 Հինգերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու տեսայ որ երկնքէն աստղ մը ինկաւ երկրի վրայ։ Անդունդի գուբին բանալին անոր տրուեցաւ։ Ան ալ անդունդին գուբը բացաւ ու այն գուբէն ծուխ կ’ելլէր մեծ հնոցի մը ծուխին պէս ու խաւարեցան արեւն ու օդը՝ գուբին ծուխէն։

Ծուխէն մարախներ կ’ելլէին երկրի վրայ։ Անոնց զօրութիւն տրուեցաւ երկրի կարիճներուն ունեցած զօրութեանը պէս։ Անոնց ըսուեցաւ որ չվնասեն երկրի խոտին, ո՛չ ալ կանանչեղէնի մը եւ ո՛չ ծառի մը, հապա միայն ա՛յն մարդոց, որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին։ Անոնց հրաման տրուեցաւ, որ չսպաննեն զանոնք, հապա չարչարեն զանոնք հինգ ամիս ու անոնց տուած չարչարանքը կարիճի տուած չարչարանքին պէս էր՝ երբ մարդը կը խայթէ։ Այն օրերը մարդիկ մահը պիտի փնտռեն ու պիտի չգտնեն։ Պիտի ուզեն մեռնիլ, բայց մահը անոնցմէ պիտի փախչի։ Մարախներուն նմանութիւնը՝ պատերազմի պատրաստուած ձիերու պէս ու անոնց գլուխներուն վրայ ոսկեղէն պսակներու պէս եւ անոնց երեսները մարդոց երեսներու պէս էին Ու անոնք մազեր ունէին կիներու մազերուն պէս ու անոնց ակռաները առիւծներու ակռաներուն պէս էին։ Զրահներ ունէին երկաթէ զրահներու պէս։ Անոնց թեւերուն ձայնը պատերազմի գացող շատ ձիեր լծուած կառքերու ձայնին պէս էր։ 10 Կարիճներու նման պոչեր ունէին ու պոչերուն վրայ խայթոց։ Իշխանութիւն ունէին հինգ ամիս մարդոց վնասելու։ 11 Իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը Եբրայեցերէն Աբադոն եւ Յունարէն՝ Ապողղիոն։ 12 Մէկ վայը անցաւ. ասկէ յետոյ ահա երկու վայեր ալ պիտի գան։

13 Վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու ձայն մը լսեցի Աստուծոյ առջեւ եղող ոսկի սեղանին չորս եղջիւրներէն, 14 Որ կ’ըսէր վեցերորդ հրեշտակին, որ փողը ունէր. «Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները արձակէ»։ 15 Այն չորս հրեշտակները արձակուեցան, որ պատրաստուած էին ժամուան ու օրուան եւ ամսուան ու տարուան համար, որպէս զի մարդոց երրորդ մասը մեռցնեն։ 16 Ձիաւոր զօրքերուն համրանքը երկու բիւր բիւրաւոր էր։ Ես իմացայ անոնց համրանքը։ 17 Տեսիլքին մէջ տեսայ ձիերը ու անոնց վրայ հեծնողները՝ որոնք ունէին հրեղէն ու յակնթեղէն եւ ծծմբեղէն զրահներ։ Ձիերուն գլուխները առիւծներու գլուխներու պէս էին. անոնց բերնէն կրակ ու ծուխ եւ ծծումբ կ’ելլէր։ 18 Այս երեք [հարուած]ներէն մարդոց երրորդ մասը մեռաւ, այսինքն կրակէն ու ծուխէն ու ծծումբէն, որոնք անոնց բերնէն կ’ելլէին։ 19 Վասն զի անոնց զօրութիւնը իրենց բերաններուն ու պոչերուն մէջ էր, քանզի անոնց պոչերը օձերու նման էին ու գլուխներ ունէին որոնցմով կը վնասէին։ 20 Մնացեալ մարդիկը, որոնք այս հարուածներէն չսպաննուեցան, չապաշխարեցին ու իրենց ձեռքերուն գործերէն ետ չմնացին, որ երկրպագութիւն չընեն դեւերուն ու ոսկիէ եւ արծաթէ ու պղինձէ եւ քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ ալ լսել ու ո՛չ քալել. 21 Նաեւ չապաշխարեցին իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց պոռնկութենէն եւ ո՛չ իրենց գողութիւններէն։

ՀՐԵՇՏԱԿԸ ԵՒ ԿՆՔՈՒԱԾ ԳՐՔՈՅԿԸ

10 1 Տեսայ ուրիշ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ երկնքէն կ’իջնէր։ Ամպ հագած էր եւ իր գլխուն վրայ ծիածան կար։ Իր երեսը արեւի պէս էր եւ իր ոտքերը՝ կրակի սիւներու պէս։ Իր ձեռքը գրքոյկ մը ունէր բացուած։ Իր աջ ոտքը ծովուն վրայ դրաւ եւ ձախը՝ ցամաքին վրայ Եւ մեծ ձայնով աղաղակեց առիւծի մը մռնչիւնին պէս։ Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները իրենց ձայներովը խօսեցան Երբ եօթը որոտումները խօսեցան, ես պիտի գրէի, բայց երկնքէն ձայն մը լսեցի որ կ’ըսէր. «Կնքէ այն բաները որոնք եօթը որոտումները խօսեցան ու զանոնք մի՛ գրեր»։ Այն հրեշտակը որ ծովուն վրայ ու ցամաքին վրայ կայնած տեսայ, իր աջ ձեռքը երկինք վերցուց Ու երդում ըրաւ յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին վրայ, որ ստեղծեց երկինքը ու ինչ որ անոր մէջ է ու երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է եւ ծովը ու ինչ որ անոր մէջ է, թէ՝ «Ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ. Հապա եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը՝ երբ փողը հնչեցնէ, Աստուծոյ խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս իր ծառաներուն, մարգարէներուն ծանուցանեց»։

Այն ձայնը, որ երկնքէն լսեցի, նորէն խօսեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքն է»։ Ես ալ հրեշտակին գացի ու ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»։ Ան ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու կե՛ր եւ քու փորիդ մէջ դառնութիւն պիտի պատճառէ, բայց բերնիդ մէջ մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ»։ 10 Եւ գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն առի ու կերայ զանիկա։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր եւ ուտելէս ետքը փորիս մէջ դառնութիւն զգացի։ 11 Ան ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն նորէն մարգարէութիւն ընես շատ ժողովուրդներու եւ ազգերու ու լեզուներու եւ թագաւորներու վրայով»։

ԵՐԿՈՒ ՎԿԱՆԵՐ

11 1 Ինծի եղէգ մը տրուեցաւ գաւազանի պէս։ Հրեշտակը կայներ էր ու կ’ըսէր. «Ելի՛ր ու չափէ՛ Աստուծոյ տաճարն ու սեղանը եւ անոր մէջ երկրպագութիւն ընողները։ Բայց գաւիթը, որ տաճարէն դուրս է, ձգէ՛ եւ մի՛ չափեր, վասն զի անիկա հեթանոսներուն տրուած է ու անոնք սուրբ քաղաքը պիտի կոխկռտեն քառասունըերկու ամիս։ Ես իմ երկու վկաներուս զօրութիւն պիտի տամ եւ անոնք քուրձ հագած հազար երկու հարիւր վաթսուն օր մարգարէութիւն պիտի ընեն»։ Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են, որոնք երկրին Տէրոջը առջեւ կը կենան։ Եւ եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, անոնց բերաններէն կրակ պիտի ելլէ ու իրենց թշնամիները ուտէ։ Եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, պիտի սպաննուի։ Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէս զի իրենց մարգարէութեան օրերը անձրեւ չգայ ու ջուրերուն վրայ իշխանութիւն ունին՝ զանոնք արիւն դարձնելու եւ ամէն կերպ պատուհասներով երկիրը զարնելու՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն։ Երբ իրենց վկայութիւնը կատարեն, այն ատեն անդունդէն ելլող գազանը անոնց հետ պատերազմ պիտի ընէ, անոնց պիտի յաղթէ ու պիտի սպաննէ զանոնք։ Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան այն մեծ քաղաքին հրապարակին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ։ Եւ ժողովուրդներն ու ցեղերը եւ լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները երեք ու կէս օր ու պիտի չթողուն որ անոնց դիակները գերեզմաններու մէջ թաղեն։ 10 Անոնք որ երկրի վրայ կը բնակին, պիտի ուրախանան ու խնդան անոնց վրայ, մինչեւ անգամ իրարու ընծաներ պիտի ղրկեն. վասն զի այս երկու մարգարէները երկրի բնակիչները չարչարած էին։

11 Երեք ու կէս օր ետքը Աստուծմէ կենդանութեան հոգի մտաւ անոնց մէջ ու իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան եւ զանոնք տեսնողներուն վրայ մեծ վախ ինկաւ։ 12 Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցին, որ կ’ըսէր անոնց. «Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք»։ Եւ անոնք ամպով երկինք բարձրացան։ Անոնց թշնամիներն ալ զանոնք տեսան։ 13 Նոյն ժամուն մեծ երկրաշարժ մը եղաւ ու քաղաքին տասներորդ մասը կործանեցաւ, եօթը հազար մարդիկ մեռան ու մնացածները վախով լեցուեցան ու փառք տուին երկնքի Աստուծոյն։ 14 Երկրորդ վայը անցաւ։ Երրորդ վայը շուտով պիտի գայ։

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՓՈՂԸ

15 Եօթներորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքի մէջ մեծ ձայներ եղան, որ կ’ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ 16 Քսանըչորս երէցները, որոնք իրենց աթոռներուն վրայ նստած էին Աստուծոյ առջեւ, իրենց երեսներուն վրայ ինկան եւ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին՝ ըսելով. 17 «Քեզի գոհութիւն կը մատուցանենք, Ամենակալ Տէր Աստուած, որ ե՛ս եւ որ էիր, որ քու մեծ զօրութիւնդ առիր ու թագաւորեցիր։ 18 Եւ ազգերը բարկացան, վասն զի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ, երբ պիտի դատես մեռելները, պիտի վարձատրես քու ծառաներդ, մարգարէներդ, սուրբերդ եւ քու անունէդ վախցողները, մեծերն ու պզտիկները եւ պիտի ապականես երկիրը ապականողները»։

19 Երկնքի մէջ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ եւ անոր ուխտին տապանակը իր տաճարին մէջ երեւցաւ ու եղան փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ ու երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ։

ԿԻՆԸ ԵՒ ՎԻՇԱՊԸ

12 1 Երկնքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ։ Կին մը արեւը հագած էր ու լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը։ Ան յղի էր ու երկունքի մէջ ըլլալով ծնանելու համար շատ նեղութիւն քաշելով՝ կը պոռար։

Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա մեծ շառագոյն վիշապ մը, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը թագ։ Անոր պոչը երկնքի աստղերուն երրորդ մասը կը քաշէր ու զանոնք երկրի վրայ ձգեց եւ վիշապը կեցաւ այն կնոջ առջեւ, որ ծնանելու վրայ էր, որպէս զի երբ ծնածի, անոր զաւակը կլլէ։ Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը։ Անոր զաւակը յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով։ Կինն ալ անապատը փախաւ, ուր անոր տեղ պատրաստուած էր Աստուծմէ, որպէս զի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր։

Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, Բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ։ 10 Եւ մեծ ձայն մը լսեցի երկնքի մէջ, որ կ’ըսէր. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասն զի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր։ 11 Եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ։ 12 Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։

13 Ու երբ վիշապը տեսաւ որ ինք երկրի վրայ ձգուեցաւ, արու զաւակ ծնանող կնոջ ետեւէն ինկաւ։ 14 Այն կնոջ մեծ արծիւի երկու թեւեր տրուեցան, որպէս զի անապատ իր տեղը թռչի օձին երեսէն, ուր պիտի կերակրուէր ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ։ 15 Եւ օձը իր բերնէն գետի պէս ջուր վազցուց կնոջ ետեւէն, որպէս զի զանիկա հեղեղով ընկղմէ։ 16 Բայց երկիրը օգնեց կնոջը։ Իր բերանը բացաւ եւ կլլեց այն գետը, որ վիշապը իր բերնէն վազցուց։ 17 Վիշապը բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին։

ԵՐԿՈՒ ԳԱԶԱՆՆԵՐԸ

13 1 12։18 Եւ կայնեցայ ծովուն աւազին վրայ։

Տեսայ թէ ծովէն գազան մը կ’ելլէր, որը ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր եւ անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ ու անոր գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ կային։ Այդ գազանը ինձի նման էր, իր ոտքերը արջու ոտքերու պէս, իր բերանը առիւծի բերնի պէս։ Վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն։ Անոր գլուխներէն մէկը մահու չափ վիրաւորուածի պէս էր, բայց անոր մահացու վէրքը առողջացաւ եւ բոլոր երկիր գազանին վրայ զարմացաւ։ Եւ երկրպագութիւն ըրին վիշապին՝ որ գազանին իշխանութիւն տուաւ։ Երկրպագութիւն ըրին գազանին, ըսելով. «Ո՞վ գազանին նման է եւ ո՞վ կրնայ ատոր հետ պատերազմիլ»։ Անոր մեծ բաներ ու հայհոյութիւններ խօսող բերան տրուեցաւ եւ քառասուներկու ամիս անոր իշխանութիւն տրուեցաւ իր կամքը ընելու։ Իր բերանը հայհոյութեամբ Աստուծոյ դէմ բացաւ, անոր անուան ու անոր խորանին ու երկինքը բնակողներուն հայհոյելու։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմ ընելու ու անոնց յաղթելու։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր ցեղերուն [եւ ժողովուրդներուն] ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ։ Անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն երկրին վրայ բոլոր բնակողները, որոնց անունները աշխարհի սկիզբէն ի վեր մորթուած Գառնուկին կենաց գրքին մէջ գրուած չեն։ Ով որ ականջ ունի թող լսէ. 10 Ով որ գերութեան քշէ, ինք գերի պիտի տարուի. ով որ սրով սպաննէ, պէտք է որ ինք սրով սպաննուի։ Հոս է սուրբերուն համբերութիւնն ու հաւատքը։

11 Ուրիշ գազան մը տեսայ, որ երկրէն կ’ելլէր ու գառնուկի նման երկու եղջիւր ունէր ու կը խօսէր վիշապի պէս։ 12 Առաջին գազանին իշխանութիւնը կ’օգտագործէր անոր առջեւ ու երկիրը եւ անոր բնակիչները կը ստիպէր, որ երկրպագութիւն ընեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը առողջացաւ։ 13 Մեծ նշաններ կ’ընէր ու մինչեւ անգամ երկնքէն կրակ կ’իջեցնէր երկրի վրայ մարդոց առջեւ։ 14 Երկրի վրայ բնակողները կը մոլորեցնէր այդ նշաններով, որ իր ձեռքը տրուած էր գազանին առջեւ ընելու։ Երկրի բնակիչներուն կ’ըսէր, որ պատկերը շինեն այն գազանին, որ սուրով վիրաւորուած էր ու առողջացաւ։ 15 Եւ իշխանութիւն տրուեցաւ անոր, որ գազանին պատկերին հոգի տայ, որպէս զի գազանին պատկերը խօսի եւ ով որ գազանին պատկերին երկրպագութիւն չընէ, զանիկա սպաննել տայ։ 16 Ան կը ստիպէր բոլորը, այսինքն պզտիկներն ու մեծերը, հարուստներն ու աղքատները, ազատներն ու ծառաները, որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին, 17 Որպէս զի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը։ 18 Հոս է իմաստութիւնը. ով որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը. քանզի մարդու մը թիւն է ու անոր թիւը վեց հարիւր վաթսունըվեց է։

ԳԱՌՆՈՒԿԸ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

14 1 Տեսայ, որ Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունչորս հազարը, որոնք ունէին [անոր անունը եւ] անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած։ Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս ու մեծ որոտումի ձայնի մը պէս ու լսած ձայնս քնարահարներուն քնարները զարնելու ձայնին կը նմանէր։ Եւ նոր երգ մը կ’երգէին աթոռին ու չորս կենդանիներուն ու երէցներուն առջեւ եւ մէ՛կը չէր կրնար այն երգը սորվիլ բացի այն հարիւր քառասունըչորս հազարէն, որոնք երկրէն գնուած էին։ Ասոնք անոնք են որ կիներու հետ չխառնակուեցան, քանզի կոյս են։ Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու Եւ անոնց բերանը սուտ չգտնուեցաւ, վասն զի անբիծ են։

ԵՐԵՔ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ

Եւ ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։

Անոր ետեւէն ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ ու ըսաւ. «Ինկա՜ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը, վասն զի բոլոր ազգերը արբեցուց իր կատաղի պոռնկութեանը գինիով»։ Անոնց ետեւէն երրորդ հրեշտակ մըն ալ եկաւ ու մեծ ձայնով մը ըսաւ. «Ով որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն ընէ եւ դրոշմը իր ճակատին վրայ կամ իր ձեռքին վրայ ընդունի, 10 Անիկա Աստուծոյ սրտմտութեան գինիէն պիտի խմէ, որ անխառն լեցուած է անոր բարկութեանը գաւաթին մէջ եւ կրակով ու ծծումբով պիտի տանջուի սուրբ հրեշտակներուն առջեւ ու Գառնուկին առջեւ։ 11 Անոնց տանջանքին ծուխը պիտի ելլէ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ցորեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընեն եւ անոր անուանը դրոշմը կ’ընդունին։ 12 Հոս է սուրբերուն համբերութիւնը, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները ու Յիսուսին հաւատքը կը պահեն»։ 13 Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Գրէ՛ Այսուհետեւ երանելի են այն մեռելները՝ որոնք Տէրոջմով կը ննջեն. Այո՛, կ’ըսէ Հոգին, որ իրենց աշխատութենէն հանգչին ու իրենց գործերը իրենց ետեւէն կ’երթան»։

ԵՐԿՐԻՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

14 Տեսայ ճերմակ ամպ մը ու այն ամպին վրայ մէկը նստեր էր Որդի մարդոյ նման եւ իր գլուխը ոսկիէ պսակ մը ու իր ձեռքը սուր մանգաղ մը ունէր։

15 Տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ ամպին վրայ նստողին մեծ ձայնով կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Երկնցո՛ւր քու մանգաղդ ու հնձէ. վասն զի հնձելու ժամանակը եկաւ, վասն զի երկրի հունձքը հասունցած է»։ 16 Ան որ ամպին վրայ կը նստէր, իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկիրը հնձուեցաւ։

17 Ու երկնքին մէջի տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ։ Ասիկա ալ սուր մանգաղ մը ունէր։ 18 Ու սեղանէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ կրակի վրայ իշխանութիւն ունէր ու մեծ ձայնով կանչեց անոր՝ որ սուր մանգաղը ունէր ու ըսաւ. «Երկնցո՛ւր քու սուր մանգաղդ ու երկրի այգիին ողկոյզները կթէ, վասն զի անոր խաղողները հասունցած են»։ 19 Այն հրեշտակն ալ իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկրին այգիին խաղողները կթեց ու Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ ձգեց։ 20 Հնձանը քաղաքէն դուրս կոխուեցաւ ու հնձանէն արիւն կ’ելլէր, որ մինչեւ ձիերուն սանձերը ու հազար վեց հարիւր ասպարէզ կը հասնէր։

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՎ

15 1 Ուրիշ մեծ ու զարմանալի նշան մը տեսայ երկնքի մէջ։ Եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր Աստուծոյ բարկութիւնը։ Տեսայ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը կրակով խառնուած։ Անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին եւ անոր անուան թիւին, ապակեղէն ծովուն վրայ կայներ էին ու Աստուծոյ քնարները ունէին Եւ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասն զի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։

Ասկէ յետոյ տեսայ, որ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը, որ երկինքն էր Ու եօթը հարուածներ ունեցող եօթը հրեշտակները մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած եւ իրենց կուրծքերուն վրայ ոսկեղէն գօտի կապած՝ տաճարէն ելան։ Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեղէն սկաւառակներ տուաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութիւնովը լեցուն։ Տաճարը Աստուծոյ փառքէն ու անոր զօրութենէն ծուխով լեցուեցաւ ու մէ՛կը չէր կրնար տաճարը մտնել, մինչեւ կատարուին եօթը հրեշտակներուն եօթը հարուածները։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐԸ

16 1 Տաճարէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ եօթը հրեշտակներուն կ’ըսէր. «Գացէ՛ք, Աստուծոյ բարկութեան եօթը սկաւառակները երկրի վրայ թափեցէք»։

Առաջին հրեշտակը գնաց ու իր սկաւառակը երկրի վրայ թափեց ու չարաչար պալարներ ելան այն մարդոց վրայ, որոնք գազանին դրոշմը ունէին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընէին։

Երկրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը ծովուն վրայ թափեց ու ջուրերը մեռած մարդու արիւն դարձան եւ ծովուն մէջի բոլոր կենդանիները մեռան։

Երրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գետերուն ու ջուրերու աղբիւրներուն վրայ թափեց ու անոնք արիւն դարձան։ Եւ ջուրերուն հրեշտակէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Արդար ես դուն, որ ես եւ որ էիր եւ սուրբ ես, որ այսպիսի դատաստաններ ըրիր. Վասն զի անոնք սուրբերուն ու մարգարէներուն արիւնը թափեցին եւ դուն անոնց արիւն խմել տուիր, քանզի արժանի են»։ Եւ սեղանէն լսեցի, որ կ’ըսէր. «Այո՛, Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, քու դատաստաններդ արդար ու ճշմարիտ են»։

Չորրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը արեւին վրայ թափեց։ Անոր զօրութիւն տրուեցաւ որ խորշակահար ընէ մարդիկը կրակով։ Եւ սաստիկ տաքէն խորշակահար եղան մարդիկ եւ հայհոյեցին Աստուծոյ անուան, որ այս հարուածներուն վրայ իշխանութիւն ունի ու չապաշխարեցին, որ անոր փառք տան։

10 Հինգերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գազանին աթոռին վրայ թափեց ու անոր թագաւորութիւնը խաւարեցաւ։ Մարդիկ ցաւէն լեզունին կը ծամէին 11 Ու երկնքի Աստուծոյ հայհոյեցին իրենց ցաւերուն եւ իրենց պալարներուն պատճառով, բայց իրենց գործերէն չապաշխարեցին։

12 Վեցերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը մեծ գետին՝ Եփրատին վրայ թափեց ու անոր ջուրերը ցամքեցան, որպէս զի արեւելքի թագաւորներուն ճամբան պատրաստուի։ 13 Տեսայ որ վիշապին բերնէն ու գազանին բերնէն եւ սուտ մարգարէին բերնէն երեք պիղծ ոգիներ կ’ելլէին գորտերու նման. 14 Վասն զի անոնք դեւերու ոգիներ էին՝ որ նշաններ կ’ընէին ու բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ’երթային, որպէս զի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն. 15 «Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ». 16 Եւ զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի։

17 Եօթներորդ հրեշտակը իր սկաւառակը օդին վրայ թափեց ու երկնքի տաճարէն, աթոռէն մեծ ձայն մը ելաւ՝ ըսելով. «Եղաւ»։ 18 Եւ փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ եղան ու մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, այնպէս որ մարդոց երկրի վրայ ըլլալէն ի վեր այնպիսի մեծ երկրաշարժ մը եղած չէր։ 19 Մեծ քաղաքը երեք մաս եղաւ ու ազգերուն քաղաքները կործանեցան։ Աստուած մեծ Բաբելոնը յիշեց, որպէս զի իր սաստիկ բարկութեան գինիին գաւաթը անոր տայ։ 20 Ամէն կղզի փախաւ ու լեռները չգտնուեցան։ 21 Եւ խոշոր կարկուտ՝ գրեթէ տաղանդի մը կշիռքով՝ երկնքէն կ’իջնէր մարդոց վրայ ու մարդիկ հայհոյեցին Աստուծոյ կարկուտին հարուածին համար, վասն զի խիստ մեծ էր այն հարուածը։

ՄԵԾ ՊՈՌՆԻԿԸ

17 1 Եօթը սկաւառակներ ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը եկաւ ու ինծի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եկո՛ւր ու քեզի ցուցնեմ այն մեծ պոռնիկին դատաստանը, որ շատ ջուրերու վրայ կը նստի. Որուն հետ երկրին թագաւորները պոռնկացան ու երկրին բնակիչները անոր պոռնկութեան գինիովը գինովցան»։ Եւ զիս առաւ անապատը տարաւ հոգիով. ուր տեսայ կին մը, որ կարմիր գազանի մը վրայ նստեր էր։ Այն գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր։ Կինը ծիրանի ու կարմիր հագած էր, զարդարուած էր ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով եւ իր ձեռքը ոսկիէ գաւաթ մը ունէր պղծութիւններով ու իր պոռնկութեանը անմաքրութիւններով լեցուն։ Անոր ճակտին վրայ անուն մը գրուած էր. «Խորհուրդ՝ Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։ Տեսայ այն կինը, որ սուրբերուն արիւնովը ու Յիսուսին վկաներուն արիւնովը գինովցած էր։ Երբ տեսայ զանիկա, մեծ զարմանքով զարմացայ։ Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ինչո՞ւ զարմացար. ես քեզի ըսեմ այն կնոջ խորհուրդը ու այն գազանին՝ որ զանիկա իր վրայ կը կրէ ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունի։ Այն գազանը որ տեսար, կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու ու կորուստին երթալու վրայ է ու երկրի վրայ բնակողները, որոնց անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն, պիտի զարմանան, երբ տեսնեն այն գազանը որ կար ու չկայ, թէեւ կայ։ Հոս պէտք է իմաստութիւն ունեցող միտք մը։ Այն եօթը գլուխը եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կինը կը նստի եւ եօթը թագաւորներ են։ 10 Հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ եւ միւսը դեռ եկած չէ ու երբ գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ։ 11 Գազանը, որ կար ու չկայ, անիկա ալ ութերորդն է որ եօթնէն է ու դէպի կորուստ կ’երթայ։ 12 Տասը եղջիւրը որոնք տեսար՝ տասը թագաւորներ են, որոնք դեռ թագաւորութիւն առած չեն, հապա գազանին հետ մէկ ժամու չափ թագաւորներու պէս իշխանութիւն պիտի առնեն։ 13 Անոնք մէկ կամք ունին ու իրենց զօրութիւնը եւ իշխանութիւնը գազանին կու տան։ 14 Ասոնք Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին եւ Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ, քանզի անիկա տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը եւ անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են»։ 15 Ու ըսաւ ինծի. «Այն ջուրերը որոնք տեսար, որոնց վրայ պոռնիկը նստեր էր, ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ։ 16 Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն։ 17 Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն ու միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան, մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին։ 18 Եւ կինը որ տեսար, այն մեծ քաղաքն է, որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ»։

ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ

18 1 Ասկէ ետքը [ուրիշ] հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր ու երկիր անոր փառքով լուսաւորուեցաւ։ Ան զօրաւոր ձայնով աղաղակեց՝ ըսելով. «Ինկա՛ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը եւ դեւերու բնակարան եղաւ ու բոլոր պիղծ ոգիներուն՝ արգելանոց եւ բոլոր պիղծ ու ատելի թռչուններուն՝ վանդակ. Վասն զի անոր կատաղի պոռնկութեան գինիէն խմեցին բոլոր ազգերը ու երկրին թագաւորները անոր հետ պոռնկացան եւ երկրին վաճառականները անոր չափազանց զեղխութենէն հարստացան»։ Ու երկնքէն ուրիշ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք. Վասն զի ատոր մեղքերը մինչեւ երկինք հասան ու Աստուած ատոր անիրաւութիւնները յիշեց։ Հատուցանեցէք ատոր՝ ինչպէս ինք հատուցանեց ու իր գործերուն համեմատ կրկնապատիկ փոխարինեցէք ատոր։ Այն գաւաթը որ ինք լեցուց՝ կրկնապատիկ լեցուցէք իրեն։ Որչափ որ փառաւորեց զինք եւ զեղխութեամբ ապրեցաւ, այնչափ ալ տանջանք եւ սուգ հատուցանեցէք անոր. վասն զի իր սրտին մէջ կ’ըսէ. ‘Ես թագուհի եմ, որբեւայրի չեմ ու բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ’։ Անոր համար մէկ օրուան մէջ պիտի գան ատոր հարուածները՝ մահ ու սուգ եւ սով ու կրակով պիտի այրի. վասն զի հզօր է Տէր Աստուած, որ զանիկա դատեց։ Ու երկրի թագաւորները, որ ատոր հետ պոռնկացան ու հեշտացան, պիտի լան ու կոծեն ատոր վրայ, երբ ատոր հրկիզումին ծուխը տեսնեն։ 10 Ատոր տանջանքին վախէն հեռուն պիտի կայնին ու ըսեն. ‘Վա՜յ, վա՜յ քեզի, մեծ Բաբելոն քաղաք, հզօ՛ր քաղաք, որ մէկ ժամու մէջ եկաւ քու դատաստանդ’։ 11 Ու երկրին վաճառականները պիտի ողբան ու սուգ ընեն անոր վրայ. վասն զի ալ մէ՛կը ծախու պիտի չառնէ անոնց վաճառքը, 12 Ոսկիի ու արծաթի եւ պատուական քարերու ու մարգարիտներու եւ բեհեզի ու ծիրանիի եւ մետաքսի ու որդան կարմիրի վաճառքը եւ խունկի փայտերը ու փղոսկրեայ ամանները եւ պատուական փայտէ ու պղնձէ եւ երկաթէ ու մարմարիոնէ ամանները 13 Եւ կինամոնը [ու ամոմոնը] եւ խունկերը ու անուշահոտ իւղը ու կնդրուկը եւ գինին ու ձէթը եւ նաշիհը ու ցորենը եւ արջառները ու ոչխարները եւ ձիերը ու կառքերը եւ մարմինները ու մարդոց հոգիները։ 14 Եւ քու հոգիիդ ցանկացած պտուղները քեզմէ գացին ու բոլոր շքեղ ու փայլուն բաները քեզմէ կորսուեցան եւ ալ բնաւ պիտի չգտնես զանոնք։ 15 Այս բաներուն վաճառականները, որոնք անկէ հարստացած էին, հեռուն պիտի կայնին անոր տանջանքին վախէն՝ լալով ու սուգ ընելով 16 Ու պիտի ըսեն. ‘Վա՜յ, վա՜յ, մե՛ծ քաղաք, որ բեհեզ ու ծիրանի եւ որդան կարմիր հագած էիր ու ոսկիով եւ պատուական քարերով ու մարգարիտներով զարդարուած էիր, 17 Վասն զի այնքան հարստութիւնը մէկ ժամու մէջ փճացաւ’։ Նաւավարները եւ այն ամէնքը, որ նաւով տեղ կ’երթան ու նաւաստիները եւ որոնք որ ծովու մէջ կը բնակին, հեռուն կայնեցան։ 18 Եւ տեսնելով անոր հրկիզումին ծուխը՝ կ’աղաղակէին՝ ըսելով. ‘Ո՞վ նման է այս մեծ քաղաքին’։ 19 Իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին եւ լալով ու սուգ ընելով՝ աղաղակեցին, ըսելով. ‘Վա՜յ, վա՜յ այն մե՛ծ քաղաքին, որուն մէջ իր պատուականութենէն հարստացան ամէնքը, որոնք նաւեր ունէին ծովուն վրայ. վասն զի մէկ ժամու մէջ ամայացաւ’։ 20 Ուրախացէ՛ք անոր վրայ, երկինք ու սուրբ առաքեալներ եւ մարգարէներ, որ Աստուած ձեր վրէժը անկէ առաւ»։

21 Զօրաւոր հրեշտակ մը քար մը առաւ աղօրիքի մեծ քարի նման ու ծովը ձգեց՝ ըսելով. «Այսպէս ուժով վար պիտի ձգուի Բաբելոն մեծ քաղաքը ու ա՛լ պիտի չգտնուի։ 22 Եւ քնարահարներուն ու երաժիշտներուն եւ սրնգահարներուն ու փողոհարներուն ձայնը ա՛լ պիտի չլսուի քու մէջդ եւ ա՛լ վարպետ արհեստաւոր մը պիտի չգտնուի քու մէջդ ու աղօրիքին ձայնը ա՛լ պիտի չլսուի քու մէջդ 23 Եւ ճրագին լոյսը ա՛լ պիտի չերեւնայ քու մէջդ ու փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ պիտի չլսուին քու մէջդ. քանզի քու վաճառականներդ երկրին մեծամեծներն էին. վասն զի քու կախարդութիւնովդ բոլոր ազգերը մոլորեցան։ 24 Եւ մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ»։

19 1 Անկէ ետքը շատ բազմութեան մեծ ձայն մը լսեցի երկնքէն, ըսելով. «Ալէլուիա՜. փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր Աստուծոյն. Վասն զի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները, քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը, որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց»։ Եւ կրկին անգամ ըսին. «Ալէլուիա՜. անոր ծուխը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ելլէ»։

ԳԱՌՆՈՒԿԻՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

Քսանըչորս երէցները ու չորս կենդանիները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին Աստուծոյ, որ աթոռը կը նստի, ըսելով. «Ամէ՛ն, Ալէլուիա՜»։ Եւ աթոռէն ձայն մը ելաւ, ըսելով. «Մեր Աստուծոյն օրհնութիւն տուէք, ո՛վ բոլոր ծառաներ ու դուք որ իրմէ կը վախնաք, պզտիկներ ու մեծեր»։ Եւ լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս ու շատ ջուրերու ձայնի պէս ու սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որոնք կ’ըսէին. «Ալէլուիա՜, վասն զի մեր Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց։ Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց։

Եւ իրեն հագնելու համար տրուեցաւ մաքուր ու լուսափայլ բեհեզ, քանզի այն բեհեզը սուրբերուն արդարութիւնն է»։ Եւ ինծի ըսաւ. «Գրէ՛. Երանելի են անոնք, որ Գառնուկին հարսանիքին ընթրիքին կանչուած են» ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը»։ 10 Ես ալ անոր ոտքերուն առջեւ ինկայ, որպէս զի անոր երկրպագութիւն ընեմ ու ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես ալ քու ծառայակիցդ եմ ու քու եղբայրներուդ՝ որոնք Յիսուսին վկաներն էին։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ. վասն զի Յիսուսին վկայութիւնը մարգարէութեան հոգին է»։

ՃԵՐՄԱԿ ՁԻԱՒՈՐԸ

11 Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի։ Արդարութեամբ դատաստան կը տեսնէ ու կը պատերազմի։ 12 Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին։ Անոր գլխուն վրայ շատ թագեր կային ու գրուած անուն մը ունէր, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ինք։ 13 Արիւնով ներկուած հանդերձ մը հագեր էր։ Անոր անունը Բանն Աստուծոյ էր։ 14 Երկնքի մէջ եղող զօրքերը անոր ետեւէն կ’երթային ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած։ 15 Անոր բերնէն սրած սուր մը կ’ելլէր, որպէս զի անով ազգերը զարնէ ու ինք երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք ու Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը ինք պիտի կոխէ։ 16 Եւ իր պատմուճանին վրայ ու իր ազդրին վրայ գրուած գիր մը ունէր. «Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տերանց»։

17 Եւ հրեշտակ մըն ալ տեսայ, որ արեւին մէջ կայներ էր ու մեծ ձայնով աղաղակեց երկնքի մէջ թռչող բոլոր թռչուններուն՝ ըսելով. «Եկէք, Աստուծոյ մեծ ընթրիքին հաւաքուեցէ՛ք 18 Որպէս զի ուտէք թագաւորներուն մարմինները ու հազարապետներուն մարմինները ու ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները ու ամենուն մարմինները, թէ՛ ազատներուն եւ թէ՛ ծառաներուն, թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ՛ մեծերուն»։

19 Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ։ 20 Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։ 21 Եւ ուրիշներ ալ սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն, որ անոր բերնէն կ’ելլէր ու բոլոր թռչունները անոնց մարմիններէն կշտացան։

ՀԱԶԱՐԱՄԵԱՆ

20 1 Յետոյ հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր ու անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը։ Ան բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի Ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ։ Անկէ ետքը պիտի արձակուի անիկա կարճ ժամանակուան մը համար։

Աթոռներ տեսայ, որոնց վրայ նստան եւ անոնց դատաւորութիւն տրուեցաւ։ Նաեւ Յիսուսին վկայութեանը համար ու Աստուծոյ խօսքին համար գլխատուածներուն հոգիները տեսայ։ Անոնք, որ երկրպագութիւն չըրին գազանին, ո՛չ ալ անոր պատկերին ու անոր դրոշմը իրենց ճակատներուն վրայ ու իրենց ձեռքին վրայ չընդունեցին եւ ապրեցան ու Քրիստոսին հետ հազար տարի թագաւորեցին։ Միւս մեռելները չապրեցան մինչեւ հազար տարին լրացաւ։ Ասիկա է առաջին յարութիւնը։ Երանելի եւ սուրբ է ա՛ն, որ առաջին յարութեանը մէջ բաժին ունի։ Ասոնց վրայ երկրորդ մահը իշխանութիւն չունի, հապա անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն։

ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հազար տարին լրանալէն վերջը պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն, որ պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը՝ Գոգն ու Մագոգը՝ որպէս զի զանոնք պատերազմի հաւաքէ, որոնց համրանքը ծովու աւազին չափ է։ 20։8 Երկրին ընդարձակութեանը մէջ ելան եւ սուրբերուն բանակը ու սիրելի քաղաքը չորս կողմէն պատեցին։ 20։9 Երկնքէն Աստուծմէ կրակ իջաւ ու սպառեց զանոնք, 10 իսկ Բանսարկուն, որ զանոնք մոլորեցուց, ձգուեցաւ կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ, ուր էին գազանը 20։10 Եւ սուտ մարգարէն։ Հոն պիտի չարչարուին ցորեկ ու գիշեր՝ յաւիտեանս յաւիտենից։

ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

11 Մեծ ճերմակ աթոռ մը տեսայ, որուն վրայ մէկը նստած էր։ Անոր երեսէն երկիր ու երկինք փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ 12 Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինքն կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ։ 13 Եւ ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ։ 14 Եւ մահը ու դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը։ 15 Եւ ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ։

ՆՈՐ ԵՐԿԻՆՔ ՈՒ ՆՈՐ ԵՐԿԻՐ

21 1 Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան եւ ա՛լ ծով չկար։ Սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը՝ տեսայ, որ երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէր, իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած։ Ու երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» ու ըսաւ ինծի. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։ Նաեւ ըսաւ ինծի. «Եղա՛ւ. ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան, Սկիզբն ու Վախճանը. ես ծարաւին ձրի պիտի տամ կենաց ջուրին աղբիւրէն։ Ան որ կը յաղթէ, ամէն բաները պիտի ժառանգէ ու ես անոր Աստուած պիտի ըլլամ, ան ալ ինծի որդի պիտի ըլլայ։ Բայց վախկոտներուն ու անհաւատներուն եւ պիղծերուն ու մարդասպաններուն ու պոռնիկներուն եւ կախարդներուն ու կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը կրակով ու ծծումբով վառած լճին մէջ պիտի ըլլայ, որ է երկրորդ մահը»։

ՆՈՐ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ

Եօթը վերջին հարուածներով լեցուն եօթը սկաւառակները ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը ինծի եկաւ եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Եկո՛ւր, ցուցնեմ քեզի հարսը, Գառնուկին կինը»։ 10 Եւ հոգիով մեծ ու բարձր լերան մը վրայ տարաւ զիս եւ ցուցուց ինծի սուրբ Երուսաղէմ քաղաքը, որ երկնքէն՝ Աստուծմէ կ’իջնէր 11 Աստուծոյ փառքը ունէր եւ անոր լուսաւորութիւնը խիստ պատուական քարի նման էր, ակնվանիի երեւոյթով յասպիս քարի պէս։ 12 Անոր պարիսպը մեծ ու բարձր էր։ Տասներկու դռներ ունէր ու դռներուն վրայ տասներկու հրեշտակներ կային եւ դռներուն վրայ անուններ գրուած էին՝ այսինքն Իսրայէլի որդիներուն տասներկու ցեղերուն անունները։ 13 Արեւելեան կողմէն երեք դուռ ու հիւսիսային կողմէն երեք դուռ եւ հարաւային կողմէն երեք դուռ ու արեւմտեան կողմէն երեք դուռ։ 14 Քաղաքին պարիսպը տասներկու հիմեր ունէր։ Անոնց վրայ Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն [տասներկու] անունները գրուած էին։ 15 Ինծի հետ խօսողը ձեռքը ոսկիէ եղէգ մը ունէր, որպէս զի անով քաղաքը եւ անոր դռները ու անոր պարիսպները չափէ։ 16 Քաղաքը քառակուսի էր։ Անոր երկայնութիւնը լայնութեանը չափ էր եւ քաղաքը նոյն եղէգով տասներկու հազար ասպարէզ չափեց։ Անոր երկայնութիւնը ու լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը հաւասար էին։ 17 Անոր պարիսպը հարիւր քառասունըչորս կանգուն չափեց, մարդու չափով, այսինքն հրեշտակին չափովը։ 18 Անոր պարիսպին շինուածքը յասպիս քարէ էր ու քաղաքը զուտ ոսկի էր՝ մաքուր ապակիի նման։ 19 Քաղաքին պարիսպին հիմերը ամէն տեսակ պատուական քարերով զարդարուած էին։ Առաջին հիմը յասպիս էր, երկրորդը՝ շափիւղայ, երրորդը՝ քաղկեդոն, չորրորդը՝ զմրուխտ, 20 Հինգերորդը՝ եղնգնաքար, վեցերորդը՝ սարդիոն, եօթներորդը՝ ոսկեքար, ութերորդը՝ բիւրեղ, իններորդը՝ տպազիոն, տասներորդը՝ քրիսոպրասոս, տասնըմէկերորդը՝ յակինթ, տասներկրորդը՝ ամեթովս։ 21 Եւ տասներկու դռները տասներկու մարգարիտ էին, ամէն մէկ դուռը մէյ մէկ ամբողջ մարգարիտ էր ու քաղաքին հրապարակը մաքուր ոսկի էր թափանցիկ ապակիի նման։ 22 Անոր մէջ տաճար չտեսայ, վասն զի Տէր Աստուած Ամենակալն ու Գառնուկը անոր տաճարն են։ 23 Քաղաքը արեւի ու լուսնի պէտք չունի, որ զանիկա լուսաւորեն, վասն զի Աստուծոյ փառքը զանիկա կը լուսաւորէ ու անոր ճրագը Գառնուկն է։ 24 Եւ փրկուած ազգերը անոր լոյսովը պիտի քալեն ու երկրին թագաւորները իրենց փառքը ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն։ 25 Անոր դռները ցորեկը պիտի չգոցուին. վասն զի հոն գիշեր պիտի չըլլայ. 26 Ազգերուն փառքն ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն։ 27 Հոն բնաւ անմաքրութիւն մը պիտի չմտնէ, ո՛չ ալ պղծութիւն ու ստութիւն գործող մը, հապա միայն անոնք՝ որ Գառնուկին կեանքի գրքին մէջ գրուած են։

22 1 Ինծի կեանքի ջուրի գետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։ Այն քաղաքին հրապարակին մէջ ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն բժշկութիւն կ’ըլլային։ Ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ։ Անոր մէջ պիտի ըլլայ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռը։ Անոր ծառաները պիտի պաշտեն զանիկա։ Անոր երեսը պիտի տեսնեն ու անոր անունը իրենց ճակատներուն վրայ պիտի ըլլայ։ Հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ եւ ճրագ ու արեւու լոյս պէտք չէ. քանզի Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէ զանոնք եւ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի թագաւորեն։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

Հրեշտակը ըսաւ ինծի. «Այս խօսքերը հաւատարիմ են ու ճշմարիտ եւ սուրբ մարգարէներուն Տէր Աստուածը իր հրեշտակը ղրկեց՝ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ։ Ահա ես շուտով կու գամ։ Երանի՜ անոր որ կը պահէ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը»։

Եւ ես՝ Յովհաննէսս՝ լսեցի ու տեսայ այս բաները։ Երբ լսեցի ու տեսայ, ինկայ որ երկրպագութիւն ընեմ այն հրեշտակին ոտքերուն առջեւ՝ որ այս բաները ինծի կը ցուցնէր, Բայց ան ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես քու ու քու եղբայրներուդ, մարգարէներուն եւ այս գրքին խօսքերը պահողներուն ծառայակիցն եմ։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ»։ 10 Եւ ըսաւ ինծի. «Այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը մի՛ կնքեր, վասն զի ժամանակը մօտ է։ 11 Ան որ անիրաւութիւն կ’ընէ՝ թող անիրաւութիւն ընէ ու ան որ աղտոտ է՝ թող աղտոտ ըլլայ եւ ան որ արդար է՝ թող արդար ըլլայ ու ան որ սուրբ է՝ թող սուրբ ըլլայ։ 12 ‘Ահա ես շուտով կու գամ եւ իմ վարձքս ինծի հետ է՝ ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցանելու։ 13 Ես եմ Ալֆան ու Օմէղան, Առաջինը ու Վերջինը, Սկիզբը եւ Վախճանը։ 14 Երանելի՜ են անոնք, որ անոր պատուիրանքները կը կատարեն, որպէս զի իշխանութիւն ունենան կենաց ծառին վրայ եւ դռներէն ներս քաղաքը մտնեն։ 15 Բայց դուրս պիտի մնան շուներն ու կախարդները եւ պոռնիկներն ու սպանութիւն ընողները եւ կռապաշտներն ու այն ամէնքը որ ստութիւն կը սիրեն եւ կ’ընեն’։

16 «‘Ես՝ Յիսուսս՝ իմ հրեշտակս ղրկեցի՝ այս բաները ձեզի վկայելու եկեղեցիներուն մէջ. ես Դաւիթին արմատէն ու ցեղէն եմ ու առաւօտեան պայծառ աստղը’»։ 17 Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

18 «Ես կը վկայեմ ամէն մէկուն որ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը կը լսէ։ Եթէ մէկը ասոնց վրայ բան մը աւելցնէ, Աստուած ալ անոր վրայ պիտի աւելցնէ այն հարուածները, որոնք այս գրքին մէջ գրուած են 19 Եւ եթէ մէկը այս մարգարէութեան գրքին խօսքերէն բան մը պակսեցնէ, Աստուած ալ անոր բաժինը պիտի պակսեցնէ կենաց գրքէն եւ սուրբ քաղաքէն՝ որ այս գրքին մէջ գրուած են։ 20 Այս բաներուն վկայութիւն տուողը կ’ըսէ. ‘Այո՛, շուտով կու գամ ես’»։ «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ 21 Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէ՛ն։