ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵԶԵԿԻԷԼԻ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵԶԵԿԻԷԼԻ

ԵԶԵԿԻԷԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԱՀԸ

1 1 Երեսուներորդ տարուան չորրորդ ամսուան հինգին, երբ ես գերիներուն հետ Քոբար գետին քովն էի, երկինքը բացուեցաւ ու Աստուծոյ տեսիլքները տեսայ։ Ամսուան հինգերորդ օրը (Յովաքին թագաւորին գերութեանը հինգերորդ տարին), Քաղդէացիներու երկրին մէջ, Քոբար գետին քով, Բուզիի որդիին Եզեկիէլ քահանային յայտնապէս Տէրոջը խօսքը եղաւ եւ հոն, անոր վրայ Տէրոջը ձեռքը եղաւ։

Տեսայ թէ հիւսիսային կողմէն մրրկալից հով, մեծ ամպ ու բռնկած կրակ կու գար, որուն բոլորտիքը պայծառութիւն կար ու կրակին մէջէն, ոսկեպղնձի նմանութիւն մը կ’երեւնար։ Անոր մէջ չորս կենդանիի կերպարանք կար։ Անոնց երեւոյթը այսպէս էր։ Անոնք մարդու կերպարանք ունէին։ Ամէն մէկը չորս երես եւ չորս թեւ ունէր։ Անոնց ոտքերը շիտակ ոտքեր էին։ Անոնց ոտքերուն թաթը զուարակի ոտքին թաթին պէս էր ու փայլուն պղնձի պէս կը փայլէին։ Անոնց չորս կողմերը անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքեր կային։ Չորսն ալ երեսներ ու թեւեր ունէին։ Անոնց թեւերը իրարու կցուած էին։ Անոնք երթալու ատեննին չէին դառնար։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։ 10 Անոնց երեսներուն ձեւը այսպէս էր։ Չորսն ալ մարդու երես ունէին։ Աջ կողմէն առիւծի երես, չորսն ալ ձախ կողմէն եզի երես, չորսն ալ արծիւի երես ունէին։ 11 Անոնց երեսները այսպէս էին։ Անոնց թեւերը վերէն կը տարածուէին։ Երկուքը իրարու կցուած էին ու երկուքը անոնց մարմինը կը ծածկէին։ 12 Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։ Ոգին ուր որ երթալու ըլլար՝ անոնք հոն կ’երթային։ Գացած ատեննին չէին դառնար։ 13 Եւ կենդանիներուն կերպարանքը, անոնց երեւոյթը, կրակի վառած կայծերու պէս՝ ջահերուն երեւոյթին պէս էր, որ կենդանիներուն մէջտեղը կը պտըտէր։ Այն կրակը լուսափայլ էր ու կրակէն փայլակներ կ’ելլէին։ 14 Կենդանիները փայլակի երեւոյթով կը վազէին ու կը դառնային։

15 Կենդանիներուն նայեցայ եւ ահա գետնին վրայ, կենդանիներուն՝ ամէն մէկուն քով՝ չորս երեսով անիւ մը կար։ 16 Անիւներուն երեւոյթը ու անոնց շինուածքը ոսկեքարի կը նմանէին։ Չորսին ձեւը նոյնն էր։ Անոնց երեւոյթը ու շինուածքը այնպէս էր, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ եղած ըլլար։ 17 Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար։ 18 Անոնց շրջանակները բարձր ու ահեղ էին։ Չորսին ալ շրջանակները ամէն կողմէն աչքերով լեցուն էին։ 19 Երբ կենդանիները երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային։ Երբ կենդանիները երկրի երեսէն վերնային, անիւներն ալ կը վերնային։ 20 Ոգին ուր որ երթալու ըլլար, անոնք հոն, ոգիին գացած տեղը կ’երթային։ Անիւներն ալ անոնց հետ մէկտեղ կը վերնային. քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար։ 21 Երբ անոնք երթային, ասոնք ալ կ’երթային ու երբ անոնք կենային, ասոնք ալ կը կենային ու երբ անոնք երկրի երեսէն վերնային, անոնք ալ անոնց հետ կը վերնային. քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար։ 22 Կենդանիներուն գլխուն վրայ՝ երկնքի հաստատութեանը նմանութիւնը վերէն անոնց գլուխներուն վրայ տարածուած էր լուսափայլ ակնվանիի նման։ 23 Եւ այն հաստատութեանը տակ՝ անոնց թեւերը իրարու կողմ կը շտկուէին։ Ամէն մէկը մէկ կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր։ Ամէն մէկը միւս կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր։ 24 Ու երբ կ’երթային, անոնց թեւերուն ձայնը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս, Ամենակարողին ձայնին պէս, աղմուկի ձայնի ու բանակի ձայնի պէս։ Երբ կը կենային, իրենց թեւերը կ’իջեցնէին։ 25 Երբ անոնք կը կենային ու թեւերնին կ’իջեցնէին, անոնց գլխուն վրայի հաստատութենէն ձայն մը կ’ելլէր։

26 Եւ անոնց գլխուն վրայի հաստատութենէն վեր, շափիւղայ քարի երեւոյթով աթոռի նմանութիւն մը կար։ Այն աթոռի նմանութեանը վրայ մարդու կերպարանքով նմանութիւն մը կար։ 27 Անոր մէջքին երեւոյթէն վեր ոսկեպղնձի նման՝ բոլորտիքը ու ներսը կրակի նմանութեան պէս տեսայ ու մէջքին երեւոյթէն վար կրակի նմանութեան պէս տեսայ, որ պայծառութեամբ շրջապատուած էր։ 28 Ինչպէս է անձրեւոտ օրը ամպի մէջ եղող ծիածանի երեւոյթը, այնպէս էր այն շրջապատուած պայծառութեանը երեւոյթը։ Ասիկա Տէրոջը փառքին նմանութեանը երեւոյթն էր։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԶԵԿԻԷԼԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՄԱՐԳԱՐԷԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

2 1 Երբ տեսայ, երեսիս վրայ ինկայ ու ձայն մը լսեցի. Ան ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ոտքերուդ վրայ կայնէ՛, որ քեզի հետ խօսիմ»։ Երբ ինծի հետ կը խօսէր, Հոգին իմ վրաս եկաւ եւ զիս ոտքերուս վրայ վերցուց ու ինծի հետ խօսողին ձայնը լսեցի, Որ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ես քեզ Իսրայէլի որդիներուն, ինծի դէմ ապստամբող ազգին՝ կը ղրկեմ, որոնք՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց հայրերը՝ մինչեւ այսօր ինծի դէմ յանցաւոր գտնուեցան։ Անոնք պնդերես եւ խստասիրտ որդիներ են։ Ես քեզ անոնց կը ղրկեմ, որ անոնց ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։ Եւ անոնք թէ՛ լսեն եւ թէ՛ զանց ընեն (քանզի անոնք ապստամբներու տուն են), պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ։

«Բայց դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, անոնցմէ մի՛ վախնար անոնց խօսքերէն ալ մի՛ վախնար. թէեւ քու քովդ կամակոր ու ծուռ մարդիկ կան եւ կարիճներու քով կը բնակիս, անոնց խօսքերէն մի՛ վախնար եւ անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են։ Անոնց իմ խօսքերս ըսէ՛, լսեն կամ զանց ընեն, քանզի անոնք ապստամբ են։

«Իսկ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի ըսածս լսէ՛, այն ապստամբ տանը պէս ապստամբ մի՛ ըլլար. բերանդ բաց ու քեզի տուածս կեր»։ Նայեցայ եւ ահա տեսայ ինծի երկնցած ձեռք մը, որուն մէջ տոմս մը կար։ 10 Զանիկա իմ առջեւս բացաւ։ Անոր առջեւն ու ետեւը գրուած էր։ Անոր վրայ ‘Ողբեր, հառաչանք ու վա՜յ’ գրուած էին։

3 1 Ձայնը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այդ տոմսը կե՛ր ու գնա՛ Իսրայէլի տանը խօսէ՛»։ Ես իմ բերանս բացի ու այն տոմսը ինծի կերցուց Եւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս իմ քեզի տուած տոմսս փորդ ու աղիքներդ լեցուր»։ Ես զանիկա կերայ։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր։ Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, աղէ՜, Իսրայէլի տունը գնա՛ ու իմ խօսքերս անոնց ըսէ՛, Վասն զի դուն դժուարիմաց խօսք եւ ծանր լեզու ունեցող ազգի մը չղրկուեցար, հապա Իսրայէլի տանը։ Դժուարիմաց խօսք ու ծանր լեզու ունեցող շատ ազգերու չէ, որոնց խօսքերը դուն չես հասկնար։ Յիրաւի եթէ քեզ անոնց ղրկէի, անոնք քեզի մտիկ պիտի ընէին։ Բայց Իսրայէլի տունը քեզի մտիկ ընել պիտի չուզեն, վասն զի չեն ուզեր ինծի մտիկ ընել, որովհետեւ բոլոր Իսրայէլի տունը պնդերես ու խստասիրտ է։ Ահա անոնց երեսին դէմ քու երեսդ պինդ ու անոնց ճակատին դէմ քու ճակատդ պինդ ըրի։ Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի։ Անոնցմէ մի՛ վախնար ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են»։

10 Ապա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, իմ բոլոր խօսքերս որոնք քեզի պիտի յայտնեմ, սրտիդ մէջ ընդունէ՛ ու ականջներովդ լսէ՛ 11 Եւ գնա՛ գերիներուն մէջ մտիր, քու ժողովուրդիդ որդիներուն մէջ ու անոնց խօսէ՛ եւ անոնց ըսէ՛. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’, մտիկ ընեն կամ զանց ընեն»։

12 Այն ատեն Հոգին զիս վերցուց ու ետեւէս մեծ երկրաշարժի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Տէրոջը փառքը օրհնեալ ըլլայ’։ 13 Կենդանիներու թեւերուն իրարու զարնուելուն ձայնն ու անոնց քովի անիւներուն ձայնը ու մեծ երկրաշարժի ձայնն էր, որ լսեցի։ 14 Հոգին զիս վերցուց տարաւ ու ես իմ հոգիիս տաքութենէն դառնութեամբ գացի ու Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ զօրութեամբ։ 15 Քոբար գետին քով բնակող Թելապիպի գերիներուն հասայ ու անոնց նստած տեղը նստայ։ Հոն եօթը օր անոնց մէջ ապշած նստայ։

ՏԷՐԸ ԵԶԵԿԻԷԼԸ ԻԲՐ ՊԱՀԱԿ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ

(Եզեկ. 33։1-9)

16 Եօթը օր ետքը Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 17 «Որդի մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի։ Երբ որ իմ բերնէս խօսք մը լսես զանոնք իմ կողմէ զգուշացուր։ 18 Երբ ամբարիշտին ըսեմ թէ ‘Անշուշտ պիտի մեռնիս’ ու դուն զանիկա չզգուշացնես եւ չըսես որ ամբարիշտը ապրելու համար՝ իր չար ճամբայէն զգուշանայ, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ 19 Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը զգուշացնես ու անիկա իր ամբարշտութենէն եւ չար ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած կ’ըլլաս։ 20 Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ եւ չարութիւն ընէ ու ես անոր առջեւ գայթակղութիւն դնեմ, որ անիկա մեռնի, զանիկա չզգուշացնելուդ համար անիկա իր մեղքին մէջ պիտի մեռնի եւ անոր ըրած արդարութիւնը պիտի չյիշուի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ 21 Իսկ եթէ դուն այն արդարը զգուշացնես, որպէս զի մեղք չգործէ ու եթէ անիկա մեղք չգործէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի խրատ մտիկ ընելուն համար ու դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս»։

ԵԶԵԿԻԷԼ ՊԻՏԻ ՉԿՐՆԱՅ ԽՕՍԻԼ

22 Հոն Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու ինծի ըսաւ. «Ե՛լ, դա՛շտը գնա ու հոն քեզի հետ պիտի խօսիմ»։ 23 Ես ելայ, դաշտը գացի եւ ահա հոն կայներ էր Տէրոջը փառքը՝ Քոբար գետին քով տեսնուած փառքին պէս ու ես երեսիս վրայ ինկայ։ 24 Հոգին իմ վրաս եկաւ ու զիս ոտքի կանգնեցուց եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Գնա՛, տունդ պահուըտէ։ 25 Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեն, անոնցմով քեզ պիտի կապեն, որպէս զի չկարենաս մարդոց մէջ ելլել։ 26 Քու լեզուդ քու քիմքիդ պիտի փակցնեմ ու համր պիտի ըլլաս եւ պիտի չկրնաս զանոնք յանդիմանել, վասն զի անոնք ապստամբներու տուն են։ 27 Բայց երբ ես քեզի հետ խօսիմ, քու բերանդ պիտի բանամ ու անոնց պիտի ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։ Լսողը թող լսէ ու զանց ընողը թող զանց ընէ. վասն զի անոնք ապստամբներու տուն են»։

ԵԶԵԿԻԷԼ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ

4 1 «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի աղիւս մը ա՛ռ ու զանիկա առջեւդ դի՛ր։ Անոր վրայ քաղաք մը, այսինքն Երուսաղէմը, նկարէ՛։ Անոր բոլորտիքը պաշարում դի՛ր եւ անոր դէմ մարտկոց շինէ՛ ու անոր դէմ պատնէշ կանգնեցո՛ւր եւ անոր դէմ բանակ կազմէ՛ ու անոր բոլորտիքը պատերազմական մեքենաներ դի՛ր։ Եւ դուն քեզի երկաթէ տապակ մը ա՛ռ ու զանիկա քու եւ քաղաքին մէջտեղ երկաթէ պարիսպի պէս դի՛ր ու քու երեսդ անոր դէմ շտկէ, որ անիկա պաշարուի ու զանիկա պաշարէ։ Ասիկա Իսրայէլի տանը համար նշան ըլլայ»։

«Ապա դուն քու ձախ կողմիդ վրայ պառկէ՛ ու անոր վրայ դի՛ր Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը։ Անոր վրայ պառկած օրերուդ թիւովը անոնց անօրէնութիւնը պիտի կրես, Քանզի ես անոնց անօրէնութեանը տարիները՝ օրերու թիւով քու վրադ դրի, երեք հարիւր ինիսուն օր, որպէս զի Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը կրես։ Երբ այն օրերը լմնցնես, պառկիր քու աջ կողմիդ վրայ ու քառասուն օր Յուդայի տանը անօրէնութիւնը կրէ՛։ Ամէն մէկ տարիին տեղ մէկ օր տուի քեզի։

Քու երեսդ դէպի Երուսաղէմի պաշարումը շտկէ ու քու բազուկդ մերկացո՛ւր ու անոր վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛։ Ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեմ, որպէս զի մէկ կողմէդ միւս կողմը չդառնաս, մինչեւ քու պաշարման օրերդ լմնցնես»։

«Դուն քեզի ցորեն, գարի, բակլայ, ոսպ, կորեկ ու հաճար ա՛ռ։ Զանոնք ամանի մը մէջ դիր ու անոնցմէ քեզի հաց շինէ՛։ Զանիկա, քու ձախ կողմիդ վրայ պառկած օրերուդ համրանքովը՝ երեք հարիւր իննիսուն օր ուտես։ 10 Ուտելու կերակուրդ կշիռքով ըլլայ, օրը քսան սիկղ։ Օրը մէկ անգամ պիտի ուտես։ 11 Ջուրը չափով, հիմենի մը մէկ վեցերորդ մասը պիտի խմես։ Օրը մէկ անգամ պիտի խմես։ 12 Քու կերակուրդ գարեղէն շօթերու պէս շինելով պիտի ուտես, զանիկա անոնց աչքին առջեւ մարդու աղբի վրայ եփելով»։ 13 Տէրը ըսաւ. «Իսրայէլի որդիները այսպէս անմաքրութեամբ պիտի ուտեն իրենց հացը այն ազգերուն մէջ, ուր զանոնք պիտի քշեմ»։ 14 Ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա իմ անձս չեմ պղծած եւ իմ տղայութենէս մինչեւ հիմա մեռած, կամ գազանէ պատառուած կենդանիի միս չեմ կերած ու իմ բերանս պիղծ միս չէ մտած»։ 15 Ինծի ըսաւ. «Նայէ՛, քեզի մարդու աղբին տեղ կովու քակոր տուի, որ քու հացդ անոր վրայ եփես»։

16 Նաեւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ահա ես Երուսաղէմի մէջ հացին ցուպը պիտի կոտրեմ ու հացը կշիռքով եւ անձկութեամբ պիտի ուտեն ու ջուրը չափով եւ ապշութեամբ պիտի խմեն։ 17 Վասն զի հացի ու ջուրի կարօտութիւն պիտի քաշեն ու իրարու սոսկումով պիտի նային եւ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի հալին»։

ԵԶԵԿԻԷԼ ԻՐ ՄԱԶԵՐԸ ԿԸ ԿՏՐԷ

5 1 «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի սուր դանակ մը եւ սափրիչի ածելի մը ա՛ռ եւ զանոնք գլխուդ վրայէն ու մօրուքիդ վրայէն անցո՛ւր։ Քեզի կշիռք մը ա՛ռ ու մազերդ բաժին բաժին ըրէ։ Մէկ երրորդ մասը քաղաքին մէջ կրակով այրէ, երբ պաշարման օրերը լմննան ու մէկ երրորդ մասը ա՛ռ եւ դանակով զա՛րկ անոր բոլորտիքը ու մէկ երրորդ մասը հովին ցրուէ։ Ես անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։ Անոնցմէ քիչ թիւով ա՛ռ ու զանոնք քղանցքներուդ մէջ ծրարէ՛։ Եւ դարձեալ անոնցմէ առ ու զանոնք կրակէ նետէ եւ զանոնք կրակով այրէ. անկէ բոլոր Իսրայէլի տանը կրակ պիտի ելլէ»։

Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասիկա Երուսաղէմն է. զանիկա ազգերուն մէջ ու իր բոլորտիքը եղող երկիրներուն մէջ դրի։ Անիկա իմ դատաստաններս՝ ազգերէն ու իմ կանոններս՝ իր շուրջի երկիրներէն աւելի ամբարշտութեան փոխեց, իմ դատաստաններս մերժեցին եւ իմ կանոններովս չքալեցին’։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր շուրջի ազգերէն աւելի ապստամբ եղաք, իմ կանոններովս չքալեցիք եւ իմ դատաստաններս չգործադրեցիք. ո՛չ ալ ձեր շուրջի հեթանոսներուն սովորութիւններուն համեմատ ըրիք’։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ե՛ս, ես քեզի դէմ եմ ու ազգերու աչքերուն առջեւ քեզի դէմ արձակուած վճիռները պիտի գործադրեմ։ Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար այնպիսի բան մը պիտի ընեմ քու մէջդ, որուն նմանը ո՛չ ըրած եմ, ո՛չ ալ պիտի ընեմ։ 10 Անոր համար քու հայրերդ իրենց տղաքը պիտի ուտեն ու տղաքը իրենց հայրերը պիտի ուտեն։ Քեզի դէմ տրուած վճիռները պիտի գործադրեմ ու քու բոլոր վերապրողներդ ամէն հովի պիտի ցրուեմ’։ 11 ‘Ասոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որովհետեւ դուն քու բոլոր գարշութիւններովդ ու բոլոր պղծութիւններովդ իմ սրբարանս պղծեցիր, ես ալ անշուշտ քեզ պիտի կոտրեմ, իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ։ 12 Քու մէկ երրորդ մասդ ժանտախտով պիտի մեռնին, կամ քու մէջդ սովով պիտի սպառին, քու մէկ երրորդ մասդ չորս կողմդ սուրով պիտի իյնան ու մէկ երրորդ մասդ ալ ամէն հովի պիտի ցրուեմ ու անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։ 13 Այսպէս իմ բարկութիւնս պիտի կատարուի եւ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի իջեցնեմ ու վրէժ պիտի առնեմ։ Երբ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ կատարեմ, պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ իմ նախանձովս խօսեցայ։ 14 Ամէն անցնողին աչքերուն առջեւ, քու բոլորտիքդ եղող ազգերուն մէջ աւերման ու անարգութեան պիտի մատնեմ քեզ։ 15 Երբ բարկութեամբ եւ սրտմտութեամբ ու սրտմտութեան պատիժներով քու վրադ վճիռները գործադրեմ, այս բանը քու բոլորտիքդ եղող ազգերուն մէջ անարգանք, նախատինք, առակ ու զարմացում պիտի ըլլայ’. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։ 16 Անոնց վրայ սովին չար ու ապականիչ նետերը պիտի ղրկեմ, որոնք ձեզ ապականելու համար պիտի ղրկեմ, սովը ձեր վրայ պիտի աւելցնեմ ու ձեզի համար հացին ցուպը պիտի կոտրեմ։ 17 Այսպէս ձեր վրայ սով ու չար գազաններ պիտի ղրկեմ, որ քեզ անզաւակ թողուն եւ քու մէջէդ ժանտախտ ու արիւն պիտի անցնի ու քու վրադ սուր պիտի բերեմ’. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։

ՏԷՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

6 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Իսրայէլի լեռներուն դարձուր ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէք’։ Այսպէս կ’ըսէ Եհովան՝ Տէրը լեռներուն, բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն. ‘Ահա ես ձեր վրայ սուր պիտի բերեմ ու ձեր բարձր տեղերը պիտի կործանեմ Եւ ձեր սեղանները աւերակ պիտի մնան ու ձեր արեգակի կուռքերը պիտի կոտրտին եւ ձեր մէջէն սպաննուածները ձեր կուռքերուն առջեւ ինկած պիտի ձգեմ։ Իսրայէլի որդիներուն դիակները իրենց կուռքերուն առջեւ պիտի դնեմ եւ ձեր ոսկորները ձեր սեղաններուն բոլորտիքը պիտի ցրուեմ։ Ձեր բոլոր բնակած տեղերուն մէջ քաղաքները աւերակ պիտի ըլլան ու բարձր տեղերը ամայի պիտի ըլլան. որպէս զի ձեր սեղանները աւերակ ու ամայի ըլլան եւ ձեր կուռքերը կոտրտին ու խափանուին եւ ձեր արեգակի կուռքերը կործանուին ու ձեր գործերը ջնջուին Ու ձեր մէջ սպաննուածներ պիտի իյնան եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։

«Բայց երբ դուք երկիրներու մէջ ցրուիք, ձեզմէ սուրէն ազատուածները ազգերուն մէջ իբր մնացորդ պիտի թողում։ Ձեր ազատուածները զիս պիտի յիշեն այն ազգերուն մէջ, ուր գերի պիտի քշուին, վասն զի իրենց շնացող ու ինձմէ խոտորած սրտովն ու իրենց կուռքերուն ետեւէն պոռնկութիւն ընող աչքերովը տանջուեցայ։ Անոնք իրենց բոլոր պղծութիւններուն եւ ըրած չարութիւններուն պատճառով իրենց անձերէն պիտի զզուին։ 10 Ու պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ պարապ տեղ չխօսեցայ՝ թէ այս չարիքը անոնց պիտի ընեմ»։ 11 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ձեռքերդ իրարու զա՛րկ ու ոտքդ գետինը զա՛րկ ու ըսէ՛. ‘Ափսո՜ս Իսրայէլի տանը բոլոր չար պղծութիւններուն համար, վասն զի սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի իյնան։ 12 Հեռուն եղողը ժանտախտով պիտի մեռնի ու մօտ եղողը սուրով պիտի իյնայ։ Մնացածը ու պաշարման մէջ եղողը սովով պիտի մեռնի։ Այսպէս իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ։ 13 Երբ անոնց սպաննուածները իրենց կուռքերուն մէջտեղ, իրենց սեղաններուն բոլորտիքը, ամէն բարձր բլուրի վրայ, բոլոր լեռներուն գլուխն ու ամէն կանանչ ծառի տակ եւ ամէն տերեւախիտ բեւեկնիի տակ փռուած ըլլան, ուր անոնք իրենց բոլոր կուռքերուն անոյշ հոտ կը մատուցանէին, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 14 Այսպէս իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի երկնցնեմ ու երկիրը, այսինքն անոնց բոլոր բնակած տեղերը, Դեբղայի կողմը եղող անապատէն աւելի ամայի ու աւերակ պիտի ընեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎԱԽՃԱՆԸ ՄՕՏ Է

7 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, մտի՛կ ըրէ.

Տէր Եհովան Իսրայէլի երկրին համար այսպէս կ’ըսէ.

‘Վախճանը, երկրին չորս կողմին վրայ վախճանը հասեր է։

 Հիմա քու վրադ վախճանը կու գայ

Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի ղրկեմ

Եւ քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ

Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։

 Իմ աչքս քեզի պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ.

Հապա քու ճամբաներդ քու վրադ պիտի դնեմ

Եւ քու պղծութիւններդ քու վրադ պիտի ըլլան

Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։

 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

«Չարիք մը, ահա չարիք մը կու գայ։

 Վախճանը կու գայ, վախճանը կու գայ։

Քեզի դէմ արթնցաւ, ահա կու գայ։

 Ո՛վ երկրի բնակիչ, կարգը քեզի կու գայ,

Ժամանակը կու գայ, խռովութեան օրը մօտեցաւ

Եւ ո՛չ թէ լեռներուն ցնծութիւնը։

 Հիմա մօտերս իմ սրտմտութիւնս քու վրադ պիտի թափեմ

Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի բորբոքի

Ու քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ

Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։

 Իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ.

Քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի հատուցում պիտի ընեմ,

Քանզի քու պղծութիւններդ քու մէջդ են

Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, որ կը զարնեմ»։

10 «Ահա օրը, ահա օրը կու գայ։

Կարգը քեզի հասաւ,

Գաւազանը ծաղկեցաւ, ամբարտաւանութիւնը ընձիւղեցաւ։

11 Բռնութիւնը ելաւ ու ամբարշտութեան գաւազան եղաւ։

Անոնցմէ մարդ պիտի չմնայ.

Անոնց բազմութենէն ու ստացուածքէն բան մը պիտի չմնայ,

Անոնց մէջ վայելչութիւն պիտի չըլլայ»։

12 «Ժամանակը եկաւ, օրը մօտեցաւ.

Գնողը թող չուրախանայ ու ծախողը թող չողբայ,

Քանզի բոլոր բազմութեանը վրայ բարկութիւնը կու գայ։

13 Վասն զի ծախողը իր ծախածին պիտի չդառնայ,

Թէեւ ողջ ըլլան,

Վասն զի անոր բոլոր բազմութեանը համար եղած տեսիլքը ետ պիտի չդառնայ,

Մարդ իր կեանքին անօրէնութիւնովը պիտի չուժովնայ։

14 Փողը հնչեցուցին, ամէն բան պատրաստեցին,

Բայց պատերազմի գացող չկայ.

Վասն զի իմ բարկութիւնս անոր բոլոր բազմութեանը վրայ է։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԵՂՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏԻԺ

15 Դուրսէն սուր ու ներսէն ժանտախտ ու սով պիտի ըլլայ։

Դաշտը եղողը սուրով պիտի մեռնի,

Սովն ու ժանտախտը պիտի ուտեն քաղաքին մէջ եղողները։

16 Անոնցմէ ողջ մնացողները

Լեռները պիտի ապաստանին ու աղաւնիներու պէս պիտի ըլլան։

Ամէնքը պիտի հեծեն, ամէն մէկը իր անօրէնութեանը համար։

17 Բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան

Ու ծունկերը ջուրի պէս պիտի հալին։

18 Անոնք քուրձեր պիտի հագնին

Ու սոսկումը պիտի ծածկէ զանոնք։

Ամէն երեսի վրայ ամօթ,

Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի ըլլայ։

19 Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն,

Անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի։

Անոնց արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը

Կարող պիտի չըլլան զիրենք ազատել.

Անով պիտի չկրնան իրենց անձը կշտացնել,

Ո՛չ ալ իրենց փորը լեցնել։

Վասն զի անիկա իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը եղաւ։

20 Իրենց զարդերուն փառքը հպարտութեան դարձուցին

Եւ անով իրենց գարշութիւններ, իրենց պղծութիւններուն պատկերներ շինեցին։

Այս պատճառով զանոնք անարգանքի պիտի մատնեմ։

21 Զանիկա օտարներուն ձեռքը պիտի տամ, որպէս զի յափշտակեն,

Երկրի ամբարիշտներուն՝ որպէս զի զանիկա կողոպտեն

Ու զանիկա պիտի պղծեն։

22 Իմ երեսս անոնցմէ պիտի դարձնեմ,

Իմ գաղտնի տեղս պիտի պղծեն,

Հոն յափշտակողներ պիտի մտնեն,

Զանիկա պիտի պղծեն։

23 «Շղթայ մը շինէ,

Վասն զի երկիրը արիւնոտ ոճիրներով լեցուեցաւ

Ու քաղաքը բռնութիւնով լեցուեցաւ։

24 Ազգերուն խիստ չարերը պիտի բերեմ,

Որ անոնց տուները ժառանգեն։

Եւ ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ

Ու անոնց սուրբ տեղերը պիտի պղծուին։

25 Կործանումը կու գայ։

Խաղաղութիւն պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնուի։

26 Պատուհասի վրայ պատուհաս պիտի գայ,

Գուժի վրայ գոյժ պիտի ըլլայ.

Մարգարէէն տեսիլք պիտի ուզեն,

Քահանայէն՝ օրէնքը ու ծերերէն խորհուրդը պիտի կորսուի։

27 Թագաւորը սուգ պիտի բռնէ,

Իշխանը սոսկում պիտի հագնի,

Երկրին ժողովուրդին ձեռքերը վախով պիտի թուլնան.

Անոնց ճամբաներուն համաձայն անոնց հատուցում պիտի ընեմ

Եւ անոնց դատաստաններուն համաձայն զանոնք պիտի դատեմ

Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԵՍԻԼՔԸ ԵԶԵԿԻԷԼԻՆ

(8։1–10։22)

ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

8 1 Վեցերորդ տարուան, վեցերորդ ամսուան հինգերորդ օրը, ես իմ տանս մէջ կը նստէի եւ Յուդայի ծերերը իմ առջեւս կը նստէին ու հոն Տէր Եհովային ձեռքը իմ վրաս ինկաւ։ Նայեցայ ու ահա մարդու կերպարանք մը կար կրակի երեւոյթով։ Անոր մէջքէն վար կրակ էր ու անոր մէջքէն վեր ոսկեպղինձի նման փայլուն երեւոյթ մը կար։ Անիկա ձեռքի նմանութիւն մը երկնցուց ու իմ գլխուս մազերէն բռնեց ու Հոգին զիս երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուց եւ զիս Աստուծոյ տեսիլքով Երուսաղէմ, դէպի հիւսիս նայող ներքին դրանը մուտքը տարաւ, ուր Նախանձի կուռքը կը կենար։ Ահա հոն, դաշտին մէջ տեսած տեսիլքիս պէս Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը հո՛ն էր։

Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա քու աչքերդ դէպի հիւսիս վերցուր»։ Երբ աչքերս դէպի հիւսիս վերցուցի, ահա սեղանին դրանը մուտքին հիւսիսային կողմը այս Նախանձի կուռքը տեսայ։ Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս այն մեծ պղծութիւնները, որոնք Իսրայէլի տունը հոս կ’ընէ, որպէս զի ես իմ սրբարանէս հեռանամ։ Բայց նորէն դարձիր ու աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։

Զիս գաւիթին դուռը տարաւ ու տեսայ որ պատին վրայ ծակ մը կար։ Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա այս պատը փորէ՛»։ Երբ պատը փորեցի, դուռ մը տեսայ։ Ինծի ըսաւ. «Մտի՛ր ու տե՛ս այն չար պղծութիւնները, որոնք անոնք հոս կ’ընեն»։ 10 Ես մտայ ու տեսայ ամէն տեսակ սողուններու ու գարշելի անասուններու պատկերներ եւ Իսրայէլի տանը բոլոր կուռքերը պատին վրայ շուրջանակի փորուած էին։ 11 Անոնց առջեւ կայնած էին Իսրայէլի տանը ծերերէն եօթանասուն մարդ։ Եւ Սափանի որդին Յեզոնիան ալ անոնց մէջ կայնած էր։ Ամէն մէկը ձեռքը բուրվառ մը ունէր ու խունկին ծուխը ամպի պէս վեր կ’ելլէր։ 12 Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս թէ ինչե՜ր կ’ընեն Իսրայէլի տանը ծերերը մութ տեղը, ամէն մարդ իր ծածուկ պատկերատանը մէջ. վասն զի անոնք կ’ըսեն թէ՝ ‘Տէրը մեզ չի տեսներ, Տէրը երկիրը թողուց’»։ 13 Ինծի ըսաւ. «Նորէն դարձիր եւ անոնց ըրած աւելի մեծ պղծութիւնները պիտի տեսնես»։

14 Զիս Տէրոջը տանը դէպի հիւսիս նայող դրանը մուտքը տարաւ, ուր Թամուզի համար լացող կիներ կը նստէին։ 15 Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս. նորէն դարձիր ու ասոնցմէ աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։

16 Զիս Տէրոջը տանը ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը տաճարին դուռը, սրահին ու սեղանին մէջտեղ, քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնք կռնակնին Տէրոջը տաճարին դարձուցեր էին ու երեսնին դէպի արեւելք ու արեւուն երկրպագութիւն կ’ընէին։ 17 Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, տեսա՞ր. միթէ Յուդայի տանը պզտի՞կ բան կ’երեւնայ իրենց հոս ըրած պղծութիւնները, որ երկիրն ալ բռնութիւնով լեցուցին ու զիս բարկացնել ջանացին։ Ահա ճիւղը իրենց քթին կ’երկնցնեն։ 18 Ու ես ալ սրտմտութեամբ պիտի վարուիմ անոնց հետ։ Աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ։ Անոնք իմ ականջներուս մեծ ձայնով պիտի կանչեն, սակայն անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ

9 1 Ապա մեծ ձայնով կանչեց իմ ականջներուս ու ըսաւ. «Քաղաքին վրայ դահիճները մօտեցուցէ՛ք ու ամէն մէկը իր քանդող գործիքը իր ձեռքը թող առնէ։ Ահա դէպի հիւսիս նայող վերի դրանը ճամբայէն վեց մարդ կու գար։ Ամէն մէկուն քանդող գործիքը իր ձեռքն էր։ Անոնց մէջ կտաւէ զգեստ հագած մարդ մը կար, որ մէջքը գրագիրի կաղամար ունէր։ Անոնք գացին պղնձէ սեղանին քով կայնեցան։ Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը, որ քերովբէներուն վրայ էր, անոնց վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ կանչեց կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Երուսաղէմ քաղաքին մէջէն անցիր ու անոր մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոցը ճակատներուն վրայ նշան դիր»։ Իսկ միւսներուն ըսաւ. «Անոր ետեւէն քաղաքէն անցէք ու զարկէք. աչքերնիդ թող չխնայէ ու մի՛ ողորմիք. Ծերը, երիտասարդն ու կոյսը, պզտիկ տղաքն ու կիները սպաննեցէ՛ք ու կորսնցուցէ՛ք, բայց վրան նշան ունեցող մարդուն ամենեւին մի՛ մօտենաք։ Իմ սրբարանէս սկսեցէ՛ք»։ Ուստի տանը առջեւ եղող ծեր մարդոցմէն սկսան Եւ անոնց ըսաւ. «Տունը ապականեցէ՛ք ու գաւիթները մեռելներով լեցուցէ՛ք ու ելէ՛ք»։ Անոնք ելան ու քաղաքին մէջ շատեր զարկին։

Երբ զանոնք զարկին ու ես մնացի, այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ եւ աղաղակելով՝ ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, դուն Երուսաղէմի վրայ քու բարկութիւնդ թափելով՝ Իսրայէլի բոլոր մնացորդը բնաջի՞նջ պիտի ընես»։

Ինծի ըսաւ. «Իսրայէլի եւ Յուդայի տանը անօրէնութիւնը խիստ շատ մեծ է ու երկիրը արիւնով լեցուեցաւ եւ քաղաքը անիրաւութիւնով լեցուեցաւ. վասն զի ըսին. ‘Տէրը երկիրը թողուց ու մեզ չի տեսներ’։ 10 Ուստի իմ աչքս ա՛լ պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. իրենց հատուցումը իրենց գլուխը պիտի բերեմ»։

11 Ահա կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը կաղամար ունեցող մարդը լուր բերաւ ու ըսաւ. «Ինծի հրամայածիդ պէս ըրի»։

ՏԷՐՈՋԸ ՓԱՌՔԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ՏԱՃԱՐԷՆ

10 1 Տեսայ թէ քերովբէներուն գլխուն վերեւ՝ երկնքի հաստատութեան մէջ շափիւղայ քարէ շինուած գահի նմանող բան մը կ’երեւնար։ Կտաւէ զգեստ հագած մարդուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քերովբէներուն տակ եղող անիւներուն մէջտեղ մտի՛ր եւ ձեռքերդ քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակի կայծերով լեցո՛ւր ու քաղաքին վրայ ցանէ՛»։ Անիկա իմ աչքերուս առջեւ՝ մտաւ։ Երբ այն մարդը մտաւ, քերովբէները տանը աջ կողմը կեցեր էին եւ ամպը ներքին գաւիթը լեցուցեր էր։ Տէրոջը փառքը քերովբէներուն վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ տունը՝ ամպով ու գաւիթը Տէրոջը փառքին պայծառութիւնովը լեցուեցաւ։ Քերովբէներուն թեւերուն ձայնը մինչեւ արտաքին գաւիթը կը լսուէր՝ Ամենակարող Աստուծոյ ձայնին պէս՝ երբ կը խօսի։ Երբ կտաւէ զգեստ հագած մարդուն հրամայեց ու ըսաւ թէ ‘Քերովբէներուն մէջտեղ եղող անիւներուն մէջէն կրակ առ’, անիկա գնաց անիւներուն քով կայնեցաւ։ Քերովբէներէն մէկը իր ձեռքը քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակին երկնցուց ու առաւ եւ կտաւէ զգեստ հագնողին ձեռքը տուաւ։ Անիկա ալ առաւ ու ելաւ (Ու քերովբէներուն թեւերուն տակ մարդու ձեռքի նման բան մը կ’երեւնար)։

Եւ տեսայ թէ քերովբէներուն քով չորս անիւ կար, ամէն մէկ քերովբէին քով մէկ անիւ։ Անիւները ոսկեքարի կը նմանէին։ 10 Անոնց չորսին երեւոյթն ալ նոյնն էին, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ անցած ըլլար։ 11 Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար, վասն զի ո՛ր կողմը որ գլուխը կը նայէր, անոր ետեւէն կ’երթային։ Գացած ատեննին չէին դառնար։ 12 Անոնց մարմինը, կռնակներն ու ձեռքերն ու թեւերը եւ անիւները, այսինքն այն չորսին անիւները, ամէն կողմէ աչքերով լեցուն էին։ 13 Անիւներուն համար լսեցի որ անոնց անուն դրուեցաւ «Մրրիկ» 14 Եւ ամէն մէկը չորս երես ունէր։ Առաջին երեսը քերովբէի երես էր, երկրորդը՝ մարդու երես էր, երրորդը՝ առիւծի երես էր, չորրորդը՝ արծիւի երես էր։ 15 Ու քերովբէները բարձրացան։ Քոբար գետին քով տեսնուած կենդանիները ասոնք էին 16 Ու երբ քերովբէները կ’երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային ու երբ քերովբէները երկրէն բարձրանալու համար թեւերնին կը վերցնէին, անիւներն ալ անոնց քովէն չէին զատուիր։ 17 Երբ անոնք կայնէին, ասոնք ալ կը կայնէին, երբ անոնք բարձրանային, ասոնք ալ կը բարձրանային անոնց հետ. վասն զի անոնց մէջ կենդանիներուն ոգին կար։

18 Տէրոջը փառքը տանը սեմին վրայէն ելաւ ու քերովբէներուն վրայ կայնեցաւ։ 19 Իմ աչքերուս առջեւ քերովբէները ելլելով՝ թեւերնին վերցուցին ու երկրէն բարձրացան. անիւներն ալ անոնց հետ ու Տէրոջը տանը արեւելեան դրանը մուտքը կայնեցան ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը անոնց վրայ էր։ 20 Քոբար գետին քով Իսրայէլի Աստուծոյն տակ տեսնուած կենդանիները ասոնք էին ու գիտցայ թէ անոնք քերովբէներ են։ 21 Ամէն մէկը չորս երես ու ամէն մէկը չորս թեւ ունէր եւ անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքերու նմանութիւնը կար։ 22 Ու անոնց երեսներուն երեւոյթը այն երեսներուն կը նմանէր, որոնք Քոբար գետին քով տեսայ, թէ՛ անոնց կերպարանքը եւ թէ՛ իրենք։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ

11 1 Հոգին զիս վերցուց ու Տէրոջը տանը դէպի արեւելք նայող արեւելեան դուռը տարաւ։ Դրանը մուտքը քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնց մէջ՝ ժողովուրդին իշխանները, Ազուրի որդին Յեզոնիան ու Բանեայի որդին Փաղատիան ալ տեսայ։

 Անիկա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ,

Ասոնք են այն մարդիկը, որ անօրէնութիւն կը մտածեն

Ու չար խորհուրդ կու տան այս քաղաքին

 Ու կ’ըսեն. ‘Մօտ չէ ժամանակը, տուներ շինենք’.

Այս քաղաքը կաթսայ է ու մենք միս ենք»։

 Ուստի մարգարէացի՛ր անոնց վրայ։

Մարգարէացի՛ր, որդի՛ մարդոյ։

 Այն ատեն Տէրոջը Հոգին իմ վրաս եկաւ

Ու ինծի ըսաւ. «Ըսէ թէ Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

‘Դուք այդպէս ըսիք’, ո՛վ Իսրայէլի տուն,

Բայց ես ձեր մտքէն անցածը գիտեմ։

 Դուք այս քաղաքին մէջ ձեր սպաննուածները շատցուցիք

Ու անոր փողոցները սպաննուածներով լեցուցիք»։

 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

‘Ձեր սպաննուածները, որոնք անոր մէջ դրիք,

Անոնք միսն են ու անիկա կաթսան է.

Բայց ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ։

 Դուք սուրէն վախցաք

Ու ես սուրը ձեր վրայ պիտի բերեմ’,

Կ’ըսէ Տէր Եհովան։

 Ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ,

Ձեզ օտարներուն ձեռքը պիտի մատնեմ

Ու ձեր մէջ դատաստաններ պիտի գործադրեմ։

10 Դուք սուրով պիտի իյնաք։

Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ

Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։

11 Այս քաղաքը ձեզի համար կաթսայ պիտի չըլլայ,

Որ դուք անոր մէջ միս ըլլաք։

Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ։

12 Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը.

Քանի որ իմ օրէնքներովս չքալեցիք

Ու իմ հրամաններս չգործադրեցիք,

Հապա ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն սովորութիւններուն համեմատ վարուեցաք’»։

13 Իմ մարգարէութիւն ըրած ատենս Բանեայի որդին Փաղատիան մեռաւ։ Այն ատեն Երեսիս վրայ ինկայ, բարձր ձայնով աղաղակեցի ու ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, միթէ Իսրայէլի մնացորդը բոլորովին պիտի սպառե՞ս»

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԱՔՍՈՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

14 Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 15 «Որդի՛ մարդոյ, քու եղբայրներդ, քու ազգականներդ ու բոլոր Իսրայէլի տունը, ամէնքը այն մարդիկն են, որոնց Երուսաղէմի բնակիչները ըսին. ‘Տէրոջը քովէն հեռացէ՛ք. այս երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուած է’։

16 Անոր համար ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

‘Թէեւ զանոնք ազգերու մէջ տարի

Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցրուեցի,

Բայց անոնց մտած երկիրներուն մէջ

Քիչ մը ատեն անոնց սրբարան պիտի ըլլամ’։

17 Անոր համար ըսէ. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

‘Ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հաւաքեմ

Եւ ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝

Ուր դուք ցրուուած էք։

Ձեզի պիտի տամ Իսրայէլի երկիրը։

18 Հոն պիտի մտնեն,

Անոր բոլոր գարշութիւնները,

Բոլոր պղծութիւնները անկէ պիտի վերցնեն։

19 Անոնց մէկ սիրտ պիտի տամ,

Անոնց ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ.

Անոնց մարմինէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու

Անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ.

20 Որպէս զի իմ օրէնքներուս մէջ քալեն,

Իմ պատուէրներս պահեն ու զանոնք գործադրեն։

Անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան,

Ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ։

21 Բայց անոնց՝ որոնց սիրտը իրենց կամքին գարշութիւններուն

Ու պղծութիւններուն ետեւէն կ’երթայ,

Անոնց գործերը իրենց գլուխը պիտի բերեմ’,

Կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ

22 Քերովբէները իրենց թեւերը վերցուցին ու անիւները անոնց հետ էին եւ Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը վերէն անոնց վրայ էր։ 23 Եւ Տէրոջը քաղաքին մէջտեղէն ելաւ եւ քաղաքին արեւելեան կողմը եղող լերանը վրայ կայնեցաւ։

24 Ու Հոգին զիս վերցուց եւ Քաղդէացիներու երկիրը եղող գերիներուն քով տարաւ։ Ասիկա տեսիլքի մէջ եղաւ Աստուծոյ Հոգիովը։ Այն տեսած տեսիլքս իմ վրայէս հեռացաւ։ 25 Ու ես գերիներուն իմացուցի Տէրոջը բոլոր խօսքերը, որոնք ինծի յայտներ էր։

ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԻԲՐ ԳԱՂԹԱԿԱՆ

12 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, դուն ապստամբներու տանը մէջ բնակած ես, որոնք տեսնելու աչքեր ունին ու չեն տեսներ եւ լսելու ականջներ ունին ու չեն լսեր. վասն զի, անոնք ապստամբներու տուն են։ Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի չուելու կարասիներ պատրաստէ՛ ու անոնց աչքերուն առջեւ ցորեկով չուէ՛ եւ անոնց աչքերուն առջեւ եղած տեղէդ ուրիշ տեղ մը գնա՛, թերեւս ուշադրութիւն ընեն, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են։ Անոնց աչքերուն առջեւ քու կարասիներդ ցորեկով հանէ՛, չուելու կարասիներու պէս. բայց դուն անոնց աչքերուն առջեւ իրիկունը ելի՛ր, գերութեան գացողներու պէս։ Անոնց աչքերուն առջեւ պատը ծակէ ու անկէ հանէ. Անոնց աչքերուն առջեւ զանոնք ուսիդ վրայ վերցուր ու մթնցած ատեն հանէ. երեսդ ծածկէ, որպէս զի երկիրը չտեսնես. վասն զի քեզ Իսրայէլի տանը նշան տուի»։

Այնպէս ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ։ Իմ կարասիներս չուելու կարասիներու պէս ցորեկով հանեցի ու իրիկունը ձեռքովս պատը ծակեցի ու մթնցած ատեն հանեցի. անոնց աչքերուն առջեւ ուսիս վրայ վերցուցի։ Առտուն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը, այն ապստամբներու տունը, քեզի չըսի՞ն թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընես’։ 10 Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս պատգամը Երուսաղէմի մէջ եղող իշխանին ու հոն բնակող Իսրայէլի բոլոր տանը համար է։ 11 Ըսէ՛՝

Ես ձեզի համար նշան եմ։

Ես ինչպէս ըրի, անոնց այնպէս պիտի ըլլայ։

Անոնք պիտի չուեն ու գերութեան երթան։

12 Անոնց մէջ եղող իշխանը

Իր ուսին վրայ բեռ պիտի վերցնէ

Ու մթնցած ատեն պիտի ելլէ։

Պատը պիտի ծակեն, որպէս զի անկէ հանեն։

Անիկա իր երեսը պիտի ծածկէ,

Որպէս զի երկիրը աչքով չտեսնէ։

13 Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ

Ու անիկա իմ որոգայթիս մէջ պիտի բռնուի։

Զանիկա Բաբելոն,

Քաղդէացիներու երկիրը պիտի տանիմ։

Անիկա այն տեղը պիտի չտեսնէ,

Թէեւ հոն պիտի մեռնի։

14 Անոր բոլորտիքը եղող բոլոր օգնականները

Ու անոր բոլոր գունդերը

Բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ,

Անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։

15 Երբ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ

Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցանեմ,

Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։

16 Անոնցմէ սուրէն, սովէն ու ժանտախտէն ազատուած

Քիչ մարդ պիտի թողում,

Որպէս զի իրենց բոլոր պիղծ գործերը պատմեն

Այն ազգերուն մէջ, որոնց մէջ պիտի մտնեն

Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

ԴՈՂԱՑՈՂ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՆՇԱՆԸ

17 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

18 «Որդի՛ մարդոյ, քու հացդ դողալով կե՛ր

Ու ջուրդ տագնապով եւ անձկութեամբ խմէ՛

19 Ու երկրի ժողովուրդին ըսէ՛.

Իսրայէլի երկրին մէջ եղող Երուսաղէմի բնակիչներուն համար

Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

‘Անոնք իրենց հացը անձկութեամբ պիտի ուտեն

Ու իրենց ջուրը ապշութեամբ պիտի խմեն,

Որպէս զի իրենց երկիրը բոլորովին ամայի մնայ

Իր բոլոր բնակիչներուն անիրաւութեանը պատճառով։

20 Մարդաբնակ քաղաքները պիտի աւրուին,

Երկիրը ամայի պիտի ըլլայ

Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱԿ ՄԸ ԵՒ ԱՆԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ

21 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

22 «Որդի՛ մարդոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեզի այն առակը,

Որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ կը գործածէք

Ու կ’ըսէք. ‘Օրերը կ’երկննան

Ու ամէն տեսիլք պարապ կ’ելլէ’։

23 Անոր համար անոնց ըսէ՛,

Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

‘Այս առակը պիտի խափանեմ

Եւ այս առակը անգամ մըն ալ Իսրայէլի մէջ պիտի չգործածուի’։

Բայց անոնց ըսէ. ‘Օրերը մօտեցան,

Ամէն պատգամ պիտի կատարուի։

24 Վասն զի Իսրայէլի տանը մէջ անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք

Եւ շողոքորթութեան գուշակութիւն պիտի չըլլայ։

25 Քանզի ես Տէրս կը խօսիմ

Ու խօսքիս գործադրութիւնը

Ա՛լ պիտի չուշանայ,

Վասն զի ձեր օրերուն մէջ, ո՛վ ապստամբներու տուն,

Բան մը պիտի ըսեմ ու պիտի կատարեմ’,

Կ’ըսէ Տէր Եհովան։

26 Նորէն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

27 «Որդի՛ մարդոյ, ահա Իսրայէլի տունը կ’ըսեն թէ

‘Ասոր տեսած տեսիլքը շատ օրերու համար է

Ու ասիկա հեռաւոր ժամանակներու համար մարգարէութիւն կ’ընէ’։

28 Ուստի անոնց ըսէ.

Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան.

‘Այսուհետեւ ոչ մէկ խօսք պիտի ուշանայ,

Հապա իմ խօսքս պիտի կատարուի’։

ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՏ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒ ԴԷՄ

13 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

 «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ընող

Իսրայէլի մարգարէներուն դէմ մարգարէացի՛ր

Ու իրենց սրտէն մարգարէութիւն ընողներուն ըսէ՛.

‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք,

 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

Վա՜յ անզգամ մարգարէներուն,

Որոնք իրենց հոգիին ետեւէն կ’երթան

Ու բան մը տեսած չեն’։

 Քու մարգարէներդ, ո՛վ Իսրայէլ,

Աւերակներու մէջ եղող աղուէսներու պէս եղան։

 Խրամատը չելաք,

Տէրոջը օրը պատերազմի մէջ հաստատ կենալու համար։

Իսրայէլի տունը պարսպով չպատեցիք։

 Անոնք ունայն տեսիլք եւ սուտ գուշակութիւն կը տեսնեն

Եւ կ’ըսեն թէ ‘Տէրը ըսաւ’,

Թէեւ Տէրը զանոնք ղրկած չէ։

Եւ յոյս կու տան թէ իրենց խօսքը պիտի կատարուի։

 Միթէ դուք ունայն տեսիլքներ չտեսա՞ք

Եւ սուտ գուշակութիւններ չըրի՞ք

Ու չըսի՞ք թէ ‘Տէրը խօսեցաւ’,

Երբ ես խօսած չէի»։

 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

«Ձեր խօսքին ունայն

Ու ձեր տեսիլքին սուտ ըլլալուն համար՝

Ահա ես ձեզի դէմ եմ»։

 «Իմ ձեռքս ունայն տեսիլք տեսնող

Եւ սուտ գուշակութիւն ընող մարգարէներուն դէմ պիտի ըլլայ։

Անոնք իմ ժողովուրդիս խորհուրդին մէջ պիտի չըլլան,

Իսրայէլի տանը գրքին մէջ պիտի չգրուին,

Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնեն

Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան։

10 Որովհետեւ անոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն

Եւ ‘Խաղաղութիւն է’՝ կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ

Ու ժողովուրդը պատ կը շինէ

Եւ գուշակողները կիրով կը ծեփեն զանիկա։

11 Այն կիրով ծեփողներուն ըսէ թէ ‘Անիկա պիտի փլչի’.

Յորդահոս անձրեւ պիտի գայ

Եւ դուք, ո՛վ կարկուտի քարեր, պիտի իյնաք

Ու զանիկա մրրկալից հովը պիտի ճեղքէ։

12 Երբ պատը փլչի,

Ձեզի պիտի չըսե՞ն թէ

‘Ո՞ւր է այն ծեփը, որով դուք ծեփեցիք’,

13 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

‘Իմ սրտմտութիւնովս մրրկալից հով մը պիտի հանեմ

Եւ իմ բարկութիւնովս՝ յորդահոս անձրեւ

Ու սրտմտութիւնովս կարկուտի քարեր պիտի գան,

Որպէս զի զանիկա բնաջինջ ընեն։

14 Կիրով ծեփուած պատերնիդ պիտի փլցնեմ,

Զանիկա գետնին հաւասար պիտի ընեմ.

Անոր հիմը պիտի երեւնայ եւ անիկա պիտի իյնայ,

Դուք անոր մէջ բնաջինջ պիտի ըլլաք

Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։

15 Եւ ես իմ սրտմտութիւնս պատին վրայ

Ու զանիկա կիրով ծեփողներուն վրայ պիտի թափեմ

Ու ձեզի պիտի ըսեմ,

‘Պատը ու զանիկա ծեփողները ոչինչ եղան’,

16 Այսինքն Իսրայէլի մարգարէները,

Որոնք Երուսաղէմի համար մարգարէութիւն կ’ընէին

Եւ անոր վրայով խաղաղութեան տեսիլքներ կը տեսնէին,

Քանի որ խաղաղութիւն չկար»։

ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՏ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ

17 «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երեսդ շտկէ՛ քու ժողովուրդիդ աղջիկներուն դէմ, որոնք իրենց սրտէն մարգարէութիւն կ’ընեն ու անոնց համար մարգարէացիր 18 Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ այն կիներուն, որոնք ամէն թեւերու տակ մոգական բարձ կը կարեն եւ ամէն հասակի մարդոց գլուխներուն լաչակներ կը շինեն, որպէս զի հոգիներ որսան’։ Միթէ դուք իմ ժողովուրդիս հոգիները որսալով ձեր հոգիները պիտի ապրեցնէ՞ք։ 19 Ժողովուրդին առջեւ զիս կ’անարգէք բուռ մը գարիի եւ պատառ մը հացի համար։ Կը մեռցնէք անձեր, որոնք մահապարտ չէին։ Կ’ապրեցնէիք անձեր, որոնք ապրելու չէին։ Իմ ժողովուրդիս առջեւ սուտ կը խօսիք, որը կ’ախորժի սնոտաբանութիւն լսելէ’։ 20 Ատոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր բարձերուն դէմ եմ, որոնցմով դուք հոգիները կ’որսաք թռչուններու պէս եւ զանոնք ձեր թեւերէն պիտի պատռեմ ու այն հոգիները պիտի արձակեմ, որոնք դուք կ’որսաք թռչուններու պէս 21 Եւ ձեր լաչակները պիտի պատռեմ ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ ձեր ձեռքին մէջ որս պիտի չըլլան ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։ 22 Վասն զի դուք արդարին սիրտը ձեր սուտերովը տրտմեցուցիք, որ ես չէի տրտմեցուցած ու ամբարշտին ձեռքը ուժովցուցիք, որպէս զի չար ճամբայէն չդառնայ ու ապրի։ 23 Անոր համար անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք պիտի չտեսնէք եւ գուշակութիւն պիտի չընէք ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ

14 1 Իսրայէլի ծերերէն քանի մը մարդիկ ինծի եկան ու իմ առջեւս նստան։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, այդ մարդիկը իրենց կուռքերը իրենց սրտերուն մէջ կանգնեցուցին ու իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իրենց երեսներուն առջեւ դրին. միթէ անոնց պատասխան պիտի տա՞մ։ Ուստի անոնց հետ խօսէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տունէն ով որ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ ու մարգարէին գայ, այն եկողին՝ ես Տէրս անոր կուռքերուն շատութեանը համաձայն պատասխան պիտի տամ Որպէս զի Իսրայէլի տունը իրենց սրտերէն բռնեմ, վասն զի անոնք իրենց կուռքերով ինձմէ օտարացան’»։

«Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դարձէ՛ք ու ձեր կուռքերէն ձեզ դարձուցէք եւ ձեր պղծութիւններէն երեսնիդ դարձուցէք’։ Քանզի Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ պանդուխտ եղող օտարականներէն ով որ ինձմէ զատուի եւ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ եւ մարգարէին գայ՝ անոր միջոցով ինծի հարցնելու համար, ես Տէրս ինձմէ պատասխան պիտի տամ անոր Ու իմ երեսս այն մարդուն վրայ պիտի հաստատեմ եւ զանիկա պիտի խայտառակեմ ու զանիկա իմ ժողովուրդիս մէջէն բնաջինջ պիտի ընեմ, որ գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։

«Եթէ մարգարէ մը սխալելով բան մը խօսի, այն մարգարէն ես Տէրս սխալեցուցի ու իմ ձեռքս անոր վրայ պիտի երկնցնեմ եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջէն զանիկա պիտի կորսնցնեմ։ 10 Անոնք իրենց պատիժը պիտի կրեն, բան հարցնողին պատիժը ու մարգարէին պատիժը նոյնը պիտի ըլլայ. 11 Որպէս զի Իսրայէլի տունը անգամ մըն ալ ինձմէ չխոտորի ու անգամ մըն ալ իրենց յանցանքներով չպղծուին, հապա անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ՆՈՅ, ԴԱՆԻԷԼ, ՅՈԲ

12 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 13 «Որդի՛ մարդոյ, եթէ երկիր մը անհաւատարմութիւն ընելով ինծի դէմ մեղանչէ ու ես անոր վրայ իմ ձեռքս երկնցնեմ ու անոր հացին ցուպը կոտրեմ եւ անոր վրայ սով ղրկեմ ու մարդը եւ անասունը անկէ կոտորեմ։ 14 Եթէ այս երեք մարդիկը, Նոյը, Դանիէլը ու Յոբն ալ անոր մէջ ըլլան, անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց հոգին պիտի ազատեն»։

15 «Եթէ երկրին վրայ չար գազաններ բերեմ, որոնք զանիկա անզաւակ թողուն ու երկիրը ամայի ըլլայ, այնպէս որ գազաններուն պատճառով անկէ անցնող չըլլայ. 16 Եթէ այն երեք մարդիկն ալ անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել. միայն իրենք պիտի ազատին ու երկիրը ամայի պիտի ըլլայ։

17 «Կամ եթէ այն երկրին վրայ սուր բերեմ եւ ըսեմ թէ ‘Ո՛վ սուր, երկրին մէջէն անցիր’ ու անկէ մարդն ու անասունը կոտորեմ 18 Եւ եթէ այն երեք մարդիկը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել։ Միայն իրենք պիտի ազատին։

19 «Կամ եթէ այն երկրին վրայ ժանտախտ ղրկեմ ու արիւնով իմ բարկութիւնս անոր վրայ թափեմ, այնպէս որ մարդն ու անասունը անկէ կոտորեմ 20 Եւ Նոյը, Դանիէլն ու Յոբը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղան կամ աղջիկը պիտի չկարենան ազատել. անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց անձը պիտի ազատեն»։ 21 Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որչա՜փ աւելի, երբ ես իմ չորս սաստիկ պատիժներս՝ սուրը, սովը, չար գազաններն ու ժանտախտը՝ Երուսաղէմի վրայ ղրկեմ՝ մարդն ու անասունը անկէ կոտորելու համար։ 22 Բայց ահա հոն ողջ մնացողներ պիտի ըլլան՝ այսինքն տղաքներ ու աղջիկներ, որոնք պիտի ելլեն. անոնք ձեզի պիտի գան եւ անոնց ճամբան ու անոնց գործերը պիտի տեսնէք ու Երուսաղէմի վրայ բերած չարիքիս համար, անոր վրայ բերած բոլոր չարիքիս համար, պիտի մխիթարուիք։ 23 Ու երբ անոնց ճամբան ու գործերը տեսնէք, անոնք ձեզ պիտի մխիթարեն եւ պիտի գիտնաք թէ ինչ որ ըրի անոր մէջ՝ առանց պատճառի չըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովան»։

ԱՌԱԿ ՄԸ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

15 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

 «Որդի՛ մարդոյ, որթատունկին փայտը ի՞նչ առաւելութիւն ունի ուրիշ փայտերէ,

Այսինքն այնպիսի ճիւղ մը, որ անտառի ծառերուն մէջ է։

 Միթէ ան իբր փայտ կ’առնուի՞, բանի մը գործածելու համար.

Կամ թէ անկէ ցից մը կը շինուի՞ անկէ աման մը կախելու համար։

 Ահա կրակի մէջ կը նետուի, անոր կերակուր ըլլալու համար։

Կրակը անոր երկու ծայրերը կ’ուտէ

Ու մէջը կ’այրէ։

Միթէ անիկա բանի մը օգտակար կ’ըլլա՞յ։

 Ահա անիկա ողջ եղած ատենը բանի մը չի ծառայեր.

Ալ ո՞ւր մնաց որ անիկա բանի մը օգտակար ըլլայ,

Երբ կրակը զանիկա սպառէ եւ հատցնէ։

 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

‘Անտառին փայտերուն մէջ ինչպէս է որթատունկին փայտը,

Որ կրակին տուի կերակուրի համար,

Այնպէս ալ Երուսաղէմի բնակիչները տուի։

 Իմ երեսս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ.

Անոնք մէկ կրակէն պիտի ազատին,

Բայց ուրիշ կրակ մը զանոնք պիտի ուտէ։

Երբ իմ երեսս անոնց վրայ հաստատեմ,

Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։

 Եւ իրենց անհաւատարմութեան համար

Երկիրը ամայի պիտի ընեմ’»։

ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ

16 1 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

 «Որդի՛ մարդոյ, Երուսաղէմին գիտցո՛ւր իր պղծութիւնները

 Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ Երուսաղէմին.

‘Քու սկիզբդ ու ծնունդդ Քանանացիներու երկրէն էր,

Քու հայրդ Ամօրհացի ու մայրդ Քետացի էր։

 Քու ծնունդդ այսպէս էր։

Քու ծնած օրդ պորտդ չկտրուեցաւ

Ու մաքրուելու համար ջուրով չլուացուեցար

Եւ աղով չաղուեցար ու խանձարուրով չփաթթուեցար։

 Աչք մը քեզի չխնայեց, որ քեզի ողորմի

Ու այս բաներէն ոեւէ մէկը քեզի ընէ։

Բայց ծննդեան օրդ

Քու անձիդ գարշութիւնովը դաշտի երեսին վրայ նետուեցար’։

 «Երբ ես քու քովէդ անցայ,

Քեզ արիւնիդ մէջ թաղուած տեսայ։

Ու երբ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի ‘Ապրէ՛’, ըսի.

Թէեւ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի ‘Ապրէ՛’, ըսի

 Եւ դաշտի բոյսերուն պէս աճեցուցի։

Դուն շատցար ու մեծցար,

Կատարեալ գեղեցկութեան հասար։

Ստինքներդ գոյացան ու մազերդ աճեցան,

Բայց դուն մերկ ու անծածկոյթ էիր։

 «Քու քովէդ անցայ ու քեզի նայեցայ,

Ահա սիրոյ տարիքին մէջ էիր։

Ես իմ քղանցքս քու վրադ տարածեցի

Եւ քու մերկութիւնդ ծածկեցի։

Երդում ընելով՝

Քեզի հետ ուխտ ըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովան

Ու դուն իմս եղար։

 Ապա քեզ ջուրով լուացի,

Քու վրայէդ քու արիւնդ մաքրեցի,

Քեզ իւղով օծեցի։

10 Քեզի ասեղնագործուած հանդերձ հագցուցի

Ու քեզի թէհաշի մորթէ շինուած մուճակներ հագցուցի։

Քու մէջքդ բեհեզէ գօտի կապեցի

Ու քեզ մետաքսներով ծածկեցի։

11 Քեզ զարդերով զարդարեցի,

Ձեռքերուդ վրայ ապարանջաններ դրի

Եւ պարանոցէդ մանեակ կախեցի։

12 Քու քթիդ՝ օղակ,

Ականջներուդ՝ գինտեր,

Գլխուդ պարծանքի պսակ դրի։

13 Դուն ոսկիով ու արծաթով զարդարուեցար

Ու քու հանդերձներդ բեհեզ, մետաքս ու ասեղնագործուած էին։

Նաշիհ ու մեղր ու իւղ կերար,

Խիստ շատ գեղեցկացար

Ու թագաւորութեան հասար։

14 Քու գեղեցկութեանդ համար քու անունդ ազգերուն մէջ տարածուեցաւ,

Վասն զի կատարեալ եղար այն վայելչութեամբ,

Որ քեզի շնորհած էի», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

15 «Բայց դուն քու անուանդ պատճառով

Եւ քու գեղեցկութեանդ ապաւինելով՝ շնութիւն ըրիր։

Քու պոռնկութիւնդ ամէն անցնողի առջեւ թափեցիր եւ ինքզինքդ անոր յանձնեցիր։

16 Քու հանդերձներէդ առիր,

Քեզի գոյնզգոյն զարդերով բարձր տեղեր շինեցիր,

Անոնց վրայ շնութիւն ըրիր,

Որոնց նմանը չեղաւ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։

17 Իմ քեզի տուած ոսկիէս ու արծաթէս

Քու թանկագին զարդերդ առիր,

Քեզի այր մարդու պատկերներ շինեցիր

Եւ անոնցմով պոռնկացար։

18 Քու ասեղնագործ հանդերձներդ առնելով՝

Զանոնք ծածկեցիր

Ու իմ իւղս ու խունկս անոնց առջեւ դրիր։

19 Քեզի տուած հացս,

Քեզի կերցուցած նաշիհս, իւղս ու մեղրս ալ

Անոնց առջեւ դրիր անոյշ հոտի համար»,

Կ’ըսէ Տէր Եհովան։

20 «Ինծի համար ծնած տղաքներդ ու աղջիկներդ առիր,

Զանոնք կերակուրի համար զոհ ըրիր անոնց։

21 Այս քու պոռնկութիւնդ քի՞չ բան է,

Որ իմ տղաքներս մորթեցիր,

Զանոնք անոնց տուիր՝ կրակէ անցընելով։

22 Քու բոլոր պղծութիւններուդ ու պոռնկութիւններուդ մէջ

Քու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր,

Երբ մերկ ու անծածկոյթ

Եւ քու արեանդ մէջ թաղուած էիր։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՊՈՌՆԿՈՒԹԻՒՆ

23 «Այս բոլոր չարութիւններէդ ետքը

(Վա՜յ քեզի, վա՜յ քեզի, կ’ըսէ Տէր Եհովան),

24 Դուն քեզի հանրատուն ալ շինեցիր,

Ամէն հրապարակի մէջ քեզի բարձր տեղ շինեցիր։

25 Ամէն ճամբու գլուխ քեզի բարձր տեղեր շինեցիր,

Քու գեղեցկութիւնդ զզուելի ըրիր,

Ամէն անցնողի քու ոտքերդ բացիր,

Քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։

26 Եւ քու հեշտասէր սահմանակիցներուդ՝

Եգիպտոսի որդիներուն՝ հետ պոռնկութիւն ըրիր

Ու զիս սրդողցնելու համար քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։

27 Ուստի իմ ձեռքս քու վրադ երկնցուցի,

Քու ռոճիկդ պակսեցուցի,

Քեզ քու թշնամիներուդ, Փղշտացիներուն կամքին յանձնեցի,

Որոնք քու անհամեստ վարմունքէդ ամչցան։

28 Դուն չկշտանալով՝ Ասորեստանի որդիներուն հետ ալ պոռնկութիւն ըրիր,

Սակայն նորէն չկշտացար։

29 Քանանացիներու երկրէն մինչեւ Քաղդէացիներու երկիրը

Քու պոռնկութիւնդ շատցուցիր,

Բայց ասով ալ չկշտացար։

30 «Քու սիրտդ որչա՜փ տկար է, կ’ըսէ Տէր Եհովան,

Որ այս ամէն բաները ըրիր,

Անամօթ, պոռնիկ կնոջ պէս։

31 Ամէն ճամբու գլուխ հանրատուն շինեցիր,

Քեզի ամէն հրապարակի մէջ բարձր տեղ ըրիր։

Վարձքը անարգելով՝ պոռնիկ կնոջ պէս չեղար,

32 Հապա այն շնութիւն ընող կնոջ պէս եղար,

Որ իր էրկանը տեղ օտարներ կ’առնէ։

33 Բոլոր հանրակիներուն վարձք կու տան,

Բայց դուն բոլոր հոմանիներուդ քու վարձքերդ կու տաս։

Այո՛, կաշառք կու տաս անոնց, որպէս զի ամէն կողմէ քեզի գան

Քեզի հետ պոռնկութիւն ընելու համար։

34 Քու պոռնկութիւններուդ մէջ կիներուն եղածին ներհակը կ’ըլլայ քեզի,

Վասն զի պոռնկութեան համար քու ետեւէդ եկող մարդ չկայ։

Քու վարձքդ տալով եւ ուրիշէն վարձք չառնելով՝

Դուն ուրիշներուն ներհակը եղար։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ

35 «Ասոր համար, ո՛վ պոռնիկ, Տէրոջը խօսքը լսէ՛,

36 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

‘Որովհետեւ քու նախատինքդ տարածուեցաւ,

Քու պոռնկութիւններովդ մերկութիւնդ

Քու հոմանիներուդ ու բոլոր գարշելի կուռքերուդ յայտնուեցաւ,

Անոնց նուիրած տղոցդ արիւնը թափուեցաւ,

37 Անոր համար ահա ես պիտի հաւաքեմ քու բոլոր հոմանիներդ,

Որոնց դուն հաճոյ եղար,

Բոլոր անոնք, որ սիրեցիր ու բոլոր անոնք, որ ատեցիր.

Զանոնք ամէն կողմէ քու վրադ պիտի հաւաքեմ,

Քու մերկութիւնդ անոնց պիտի բանամ

Եւ անոնք քու մերկութիւնդ պիտի տեսնեն։

38 Քեզ պիտի դատեմ

Շնութիւն ընող եւ արիւն թափող կիներուն դատաստանովը

Ու քեզի բարկութեամբ ու նախանձով արեան վճիռ պիտի տամ։

39 Քեզ անոնց ձեռքը պիտի տամ,

Քու հանրատունդ պիտի փլցնեն,

Քու բարձր տեղերդ պիտի աւերեն.

Քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն,

Քու թանկագին զարդերդ պիտի առնեն,

Քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն։

40 Քու վրադ բազմութիւն մը ոտքի պիտի հանեն,

Քեզ պիտի քարկոծեն,

Իրենց սուրերովը պիտի խոցոտեն,

41 Քու տուներդ կրակով պիտի այրեն,

Շատ կիներու առջեւ քու վրադ դատաստանական վճիռներ պիտի գործադրեն.

Քեզ պոռնկութիւն ընելէ պիտի դադրեցնեմ

Ու անգամ մըն ալ վարձք պիտի չտաս։

42 Այսպէս պիտի դադրեցնեմ բարկութիւնս, որ քեզի դէմ է.

Իմ նախանձս քեզմէ պիտի վերնայ,

Պիտի հանդարտիմ ու ա՛լ պիտի չբարկանամ։

43 Որովհետեւ դուն քու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր,

Հապա այս բոլոր բաներով զիս սրդողցուցիր,

Անոր համար ահա ես ալ քու գործերդ քու գլուխդ պիտի բերեմ,

Կ’ըսէ Տէր Եհովան։

Դուն քու բոլոր պղծութիւններուդ վրայ

Այս անառակութիւնը պիտի չաւելցնես։

ԻՆՉՊԷՍ ՄԱՅՐԸ՝ ՆՈՅՆՊԷՍ ԱՂՋԻԿԸ

44 «Ահա ամէն ով որ առակ կը գործածէ,

Քու վրադ ալ առակ պիտի շինէ՝ ըսելով.

‘Ինչպէս է մայրը, աղջիկն ալ այնպէս է’։

45 Դուն քու մօրդ աղջիկն ես,

Որ իր ամուսինէն ու տղաքներէն զզուեցաւ

Եւ քու քոյրերուդ քոյրն ես,

Որոնք իրենց ամուսիններէն ու տղաքներէն զզուեցան։

Ձեր մայրը Քետացի ու ձեր հայրը Ամօրհացի է։

46 Քու մեծ քոյրդ Սամարիան է,

Որ իր աղջիկներովը քու ձախ կողմդ կը բնակի։

Քեզմէ պզտիկ քոյրդ Սոդոմն է,

Որ իր աղջիկներովը քու աջ կողմդ կը բնակի։

47 Դուն անոնց ճամբաներուն մէջ չքալեցիր,

Անոնց պղծութիւններուն պէս չըրիր.

Հապա որպէս թէ անոնց ըրածը պզտիկ ու չնչին էր,

Դուն քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ անոնցմէ աւելի ապականեցար։

48 Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան,

Որ քու քոյրդ Սոդոմը, ինք ու իր աղջիկները, այնպէս չըրին,

Ինչպէս դուն ու քու աղջիկներդ ըրիք։

49 Ահա քու քրոջդ Սոդոմին անօրէնութիւնը այս էր։

Անիկա իր աղջիկներովը

Հպարտութիւն, հացի կշտութիւն ու անհոգ հանգստութիւն ունեցաւ,

Բայց աղքատին ու տնանկին չօգնեցին։

50 Հպարտացան եւ իմ առջեւս պղծութիւն ըրին։

Զանոնք տեսածիս պէս մէկդի տարի։

51 Սամարիան քու մեղքերուդ կէսին չափ մեղք չգործեց։

Դուն քու պղծութիւններդ անոնց պղծութիւններէն աւելի շատցուցիր։

Քու ըրած բոլոր պղծութիւններովդ

Քու քոյրերդ արդարացուցիր։

52 Ու դուն, որ քու քոյրերդ դատապարտեցիր,

Քու անարգանքդ կրէ քու մեղքերուդ համար, քանի որ

Դուն անոնցմէ աւելի պղծութիւն ըրիր։

Անոնք քեզմէ արդար են,

Իսկ դուն՝ քոյրերդ արդարացնելուդ համար՝

Ամչցիր ու քու անարգանքդ կրէ։

ՍՈԴՈՄ ԵՒ ՍԱՄԱՐԻԱ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻՆ

53 «Ու ես պիտի վերահաստատեմ անոնց գերութիւնը,

Սոդոմին ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը,

Սամարիային ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը.

Անոնց հետ քու գերութիւնդ ալ պիտի հաստատեմ,

54 Որպէս զի քու անարգանքդ կրես

Ու ամէն ըրածէդ ամչնաս՝

Անոնց մխիթարութիւն ըլլալու համար։

55 Քու քոյրերդ Սոդոմն ու անոր աղջիկները

Իրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնան։

Սամարիան ու անոր աղջիկներն ալ

Իրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնան

Եւ դուն ու քու աղջիկներդ ալ

Ձեր առաջուան վիճակին պիտի դառնաք։

56 Վասն զի քու հպարտութեանդ օրը

Քու քրոջդ Սոդոմին մասին բան մը չըսիր,

57 Քանի որ դեռ քու չարութիւնդ յայտնուած չէր,

Ինչպէս հիմա յայտնուեցաւ՝ երբ Ասորիներու աղջիկներուն առջեւ

Ու անոնց բոլորտիքը եղող բոլոր Փղշտացիներուն աղջիկներուն առջեւ մեղադրանքի առարկայ եղար։

Անոնք ամէն կողմէ քեզ նախատեցին։

58 Քու անառակութիւններուդ եւ պղծութիւններուդ պատիժը

Դուն կրեցիր, կ’ըսէ Տէրը։

ՈՒԽՏ ՄԸ, ՈՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ Է

59 «Ահա Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

Քու ըրածիդ համեմատ պիտի ընեմ քեզի,

Քանի որ երդումը անարգեցիր եւ ուխտը աւրեցիր։

60 Բայց ես քու մանկութեանդ օրերը քեզի հետ ըրած ուխտս պիտի յիշեմ,

Քեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի հաստատեմ.

61 Այն ատեն դուն քու ճամբաներդ պիտի յիշես

Ու պիտի ամչնաս՝ երբ ընդունիս քեզմէ մեծ եւ քեզմէ պզտիկ քոյրերդ,

Երբ զանոնք քեզի աղջիկներու տեղ տամ,

Բայց ո՛չ թէ քու ուխտովդ,

62 Հապա իմ ուխտս պիտի հաստատեմ

Եւ պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը.

63 Որպէս զի յիշես ու ամչնաս

Եւ ամչնալուդ պատճառով այլեւս բերանդ չբանաս։

Այն ատեն ես ալ

Քու ըրած բոլոր գործերուդ համար

Քեզի քաւութիւն պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ԱՐԾԻՒԻՆ ԵՒ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԻՆ ԱՌԱԿԸ

17 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը հանելուկ մը առաջարկէ ու առակ մը պատմէ Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Մեծ արծիւ մը՝ մեծ թեւերով, երկայն փետուրներով ու գոյնզգոյն բարակ փետուրներով լեցուն՝ Լիբանան եկաւ ու եղեւինին ամենաբարձր ճիւղը առաւ։ Անոր ընձիւղներուն ծայրը փրցուց եւ զանիկա վաճառականի երկիր մը տարաւ ու զանիկա վաճառականներու քաղաքը դրաւ։ Այն երկրին հունտէն ալ առաւ ու զանիկա բարեբեր արտի մը մէջ դրաւ. զանիկա շատ ջուրերու քով տարաւ, ուռիի պէս դրաւ։ Եւ անիկա աճեցաւ ու տարածուած՝ կարճահասակ որթատունկ մը եղաւ. այնպէս որ անոր ոստերը դէպի վեր արծիւին կը նայէին ու արմատները գետնին մէջ մնացին ու անիկա մեծ որթատունկ մը եղաւ, ոստեր ու ընձիւղներ արձակեց։

«Հոն ուրիշ մեծաթեւ ու բազմափետուր արծիւ մըն ալ կար։ Որթատունկը իր արմատները դէպի երկրորդը ծռեց ու ոստերը անոր երկնցուց, որպէս զի իր տնկած ածուներովը զինք ոռոգէ։ Անիկա բարեբեր արտի մէջ ջուրերու քով տնկուեցաւ, որպէս զի ոստեր արձակէ եւ պտուղ բերէ ու ազնիւ որթատունկ ըլլայ։

Ըսէ՛ անոր, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Արդեօք անիկա պիտի ուռճանա՞յ։ Միթէ այն առաջին արծիւը անոր արմատները պիտի չխլէ՞ ու անոր պտուղը պիտի չփրցնէ՞, որպէս զի չորցնէ։ Անոր բոլոր բուսած տերեւները պիտի չորնան եւ առանց մեծ բազուկի ու շատ ժողովուրդի զանիկա արմատէն պիտի խլէ։ 10 Ահա թէեւ տնկուեցաւ, միթէ պիտի յաջողի՞. չէ՞ որ արեւելեան հովը անոր դպածին պէս բոլորովին պիտի չորնայ։ Անիկա իր բուսած ածուներուն մէջ պիտի չորնայ’»։

ԱՌԱԿԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐՈՒԻ

11 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 12 «Հիմա ապստամբներուն տանը ըսէ. ‘Ասոնց ինչ ըլլալը չէ՞ք գիտեր’. ըսէ թէ ‘Ահա Բաբելոնի թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ, անոր թագաւորն ու իշխանները առաւ ու զանոնք իր քով Բաբելոն տարաւ 13 Թագաւորին սերունդէն մէկը առնելով՝ անոր հետ ուխտ ըրաւ ու անոր երդում ընել տուաւ։ Նաեւ երկրին զօրաւորները առաւ, 14 Որպէս զի թագաւորութիւնը ցած ըլլայ ու չկրնայ զինք բարձրացնել եւ իր ուխտը պահելով՝ անոր վրայ հաստատ կենայ’։ 15 Բայց անիկա անոր դէմ ապստամբեցաւ ու Եգիպտոս դեսպաններ ղրկեց, որպէս զի իրեն ձիեր ու զօրքեր տան։ Միթէ անիկա յաջողութիւն պիտի գտնէ՞։ Այս բաները ընողը պիտի ազատի՞ կամ թէ ուխտը աւրելով պիտի ազատի՞։ 16 Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ անիկա անշուշտ այն թագաւորին բնակած տեղը, որ զինք թագաւոր ըրեր էր, որուն երդումը անարգեր էր, անոր ուխտը աւրեր էր, ան Բաբելոնի մէջ պիտի մեռնի։ 17 Փարաւոն մեծ զօրքով ու շատ բազմութիւնով պատերազմի մէջ անոր համար բա՛ն մը պիտի չընէ, երբ պատնէշներ կանգնեցնեն ու մարտկոցներ շինեն շատ հոգիներ կոտորելու համար։ 18 Վասն զի անիկա երդումը անարգեց եւ ուխտը աւրեց։ Ահա անիկա իր ձեռքը տալէն ետքը՝ այս ամէն բաները ընելուն համար պիտի չազատի։

19 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կենդանի եմ, որ անշուշտ անոր գլուխը պիտի դարձնեմ իմ երդումս, որ անիկա անարգեց ու իմ ուխտս, որ աւրեց. 20 Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ ու անիկա իմ որոգայթիս մէջ պիտի բռնուի։ Զանիկա Բաբելոն պիտի տանիմ, ուր անոր հետ դատ պիտի վարեմ, ինծի դէմ ըրած յանցանքին համար։ 21 Անոր բոլոր փախստականները եւ բոլոր զօրքերը սուրով պիտի իյնան, անոր մնացորդները ամէն հովերու պիտի ցրուին։ Ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ’»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅՈՅՍԻ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

22 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ես ալ բարձր եղեւինին ամենաբարձր ճիւղէն պիտի առնեմ ու պիտի տնկեմ. անոր ընձիւղներուն ծայրէն մատղաշը պիտի փրցնեմ ու բարձր ու վերացած լերան մը վրայ պիտի տնկեմ. 23 Զանիկա Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ պիտի տնկեմ։ Անիկա ոստեր պիտի արձակէ ու պտուղ պիտի տայ ու ազնիւ եղեւին պիտի ըլլայ։ Անոր տակ ամէն տեսակ թեւ ունեցող թռչուններ պիտի նստին, անոր ոստերուն հովանիին տակ պիտի բնակին։ 24 Դաշտի բոլոր ծառերը պիտի գիտնան՝ թէ ես՝ Տէրս՝ բարձր ծառը ցածցուցի ու ցած ծառը բարձրացուցի։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ»։

18 1 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ի՞նչ իմաստ ունի այն առածը, որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ ըսիք՝ ‘Հայրերը ազոխ կերան ու որդիներուն ակռաները առին’։ Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ Իսրայէլի մէջ այս առածը անգամ մըն ալ պիտի չըսէք։ Ահա բոլոր հոգիները իմս են. ինչպէս հօրը հոգին՝ նոյնպէս որդիին հոգին իմս է։ Այն անձը, որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ Իսկ եթէ մարդ մը արդար ըլլայ, իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, Լեռներու վրայ չուտէ ու աչքերը դէպի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ ու իր դրացիին կինը չպղծէ եւ իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ չմօտենայ Ու մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ ու պարտականին գրաւը ետ տայ, բռնութեամբ բան մը չյափշտակէ եւ իր հացը անօթիին տայ ու մերկը հանդերձով ծածկէ, Ստակը վաշխով չտայ ու տոկոս չառնէ, իր ձեռքը անօրէնութենէ ետ պահէ, երկու մարդու մէջ ուղիղ դատաստան տեսնէ, Ճշմարտութիւն ընելով՝ իմ օրէնքներուս մէջ քալէ ու իմ իրաւունքներս պահէ. անիկա արդար է, անշո՛ւշտ պիտի ապրի», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

10 «Բայց եթէ անիկա անիրաւ ու արիւնահեղ որդի մը ծնանի, որ ասոնց պէս բան մը չընէ, 11 Այսինքն՝ եթէ անիկա այն ամէն աղէկ բաները չընէ, հապա լեռներու վրայ ուտէ ու իր դրացիին կինը պղծէ, 12 Աղքատին ու տնանկին զրկանք ընէ, բռնութեամբ բան մը յափշտակէ, գրաւը ետ չտայ ու իր աչքերը կուռքերուն վերցնելով՝ պղծութիւն գործէ, 13 Վաշխով ստակ տայ ու տոկոս առնէ. անիկա պիտի ապրի՞։ Ո՛չ, պիտի չապրի. անիկա այս բոլոր գարշութիւնները ընելուն համար՝ անշո՛ւշտ պիտի մեռնի. անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ»։

14 «Եթէ անիկա որդի ծնանի ու անիկա իր հօրը ըրած բոլոր մեղքերը տեսնելով՝ վախնայ ու անոնց պէս չընէ, 15 Լեռներու վրայ չուտէ ու իր աչքերը դէպի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ, իր դրացիին կինը չպղծէ 16 Եւ մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ, գրաւը չպահէ ու բռնութեամբ բան մը չյափշտակէ, իր հացը անօթիին տայ ու մերկը հանդերձով ծածկէ, 17 Աղքատին անիրաւութիւն ընելէն իր ձեռքը ետ քաշէ, վաշխ ու տոկոս չառնէ, իմ դատաստաններս գործադրէ ու իմ օրէնքներուս մէջ քալէ. անիկա իր հօրը անօրէնութեանը համար պիտի չմեռնի, անիկա անշո՛ւշտ պիտի ապրի։ 18 Բայց անոր հայրը, քանի որ զրկանք ըրաւ ու իր եղբօրմէն բռնութեամբ բան մը յափշտակեց եւ աղէկ չեղածը ըրաւ իր ժողովուրդին մէջ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի»։

19 «Դուք կ’ըսէք թէ ‘Ինչո՞ւ համար որդին իր հօրը անօրէնութիւնը չի կրեր’։ Որովհետեւ որդին իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ եւ իմ բոլոր օրէնքներս պահեց ու զանոնք գործադրեց, անշուշտ պիտի ապրի։ 20 Այն անձը որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ Որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ։ Արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։ 21 Եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն դառնայ ու իմ բոլոր օրէնքներս պահէ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։ 22 Անոր ըրած բոլոր յանցանքները պիտի չյիշուին, հապա անիկա իր ըրած արդարութիւնովը պիտի ապրի։ 23 Միթէ ես ամբարշտին մեռնիլը կ’ուզե՞մ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Չէ՞ որ ես կ’ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ 24 Բայց եթէ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու ամբարշտին ըրած բոլոր գարշութիւններուն պէս անօրէնութիւն ընէ, պիտի ապրի՞։ Անոր ըրած արդար գործերէն մէկը պիտի չյիշուի. անիկա իր ըրած յանցանքին ու գործած մեղքին համար պիտի մեռնի»։

25 «Դուք կ’ըսէք թէ՝ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Հիմա մտիկ ըրէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, միթէ ի՞մ ճամբաս ուղիղ չէ։ 26 Չէ՞ որ ձեր ճամբան ուղիղ չէ։ Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ եւ անոր մէջ մեռնի, անիկա իր ըրած անօրէնութեանը համար կը մեռնի։ 27 Երբ ամբարիշտը իր ըրած ամբարշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա իր անձը պիտի ապրեցնէ։ 28 Որովհետեւ անիկա արթնցաւ ու իր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձաւ, ուստի անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի»։

29 «Բայց Իսրայէլի տունը կ’ըսէ թէ՝ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Ո՛վ Իսրայէլի տուն, միթէ ի՞մ ճամբաներս ուղիղ չեն։ Չէ՞ որ ձեր ճամբաները ուղիղ չեն։ 30 Անոր համար, ո՛վ Իսրայէլի տուն, ձեզմէ ամէն մէկը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի դատեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Դարձի եկէ՛ք ու ձեր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձէ՛ք, որպէս զի անօրէնութիւնը ձեր կորուստին պատճառ չըլլայ։ 31 Ձեր ըրած բոլոր յանցանքները ձեր վրայէն նետեցէ՛ք եւ ձեզի նոր սիրտ ու նոր հոգի ստացէք։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ 32 Վասն զի մեռնողին մեռնիլը չեմ ուզեր, կ’ըսէ Տէր Եհովան, ուստի դարձէ՛ք ու ապրեցէ՛ք»։

ՏՐՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

19 1 Եւ դո՛ւն, Իսրայէլի իշխաններուն վրայ ողբա՛ Ու ըսէ՛.

«Քու մայրդ մատակ առիւծ մըն է,

Որ առիւծներու մէջ կը պառկի

Ու իր կորիւնները առոյգ առիւծներու մէջ կը մեծցնէ։

 Անիկա իր կորիւններէն մէկը մեծցուց,

Որը առոյգ առիւծ եղաւ

Եւ յափշտակութիւն ընել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։

 Անոր դէմ ազգերը ահազանգ հնչեցուցին։

Անիկա անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։

Զանիկա կարթերով Եգիպտոս տարին։

 Երբ մայրը տեսաւ թէ պարապ տեղ սպասեր է եւ ի զուր յուսացած է,

Իր կորիւններէն ուրիշ մը առաւ

Ու զանիկա առոյգ առիւծ մը ըրաւ։

 Անիկա առիւծներու մէջ պտըտող առոյգ առիւծ մը եղաւ,

Յափշտակել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։

 Անոնց ամրոցները աւերեց,

Անոնց քաղաքները կործանեց։

Անոր մռնչիւնէն

Երկիրը ամբողջութեամբ սարսափեցաւ։

 Շրջակայ գաւառներէն անոր վրայ ազգեր ելան,

Անոր դէմ իրենց ցանցը լարեցին։

Անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։

 Զանիկա կարթերով վանդակի մէջ դրին,

Զանիկա Բաբելոնի թագաւորին տարին,

Զանիկա բերդը դրին,

Որպէս զի անոր ձայնը անգամ մըն ալ Իսրայէլի լեռներուն վրայ չլսուի։

10 Քու մայրդ քու նմանութիւնովդ՝ ջուրերու քով տնկուած որթատունկի պէս է,

Որ շատ ջուրերու պատճառով՝ պտղատու ոստերով լեցուեցաւ։

11 Անիկա զօրաւոր ճիւղեր ունեցաւ իշխաններու գաւազաններու համար։

Իր հասակը խիտ ճիւղերուն մէջէն բարձրացաւ,

Իր բարձրութիւնովն ու բարունակներուն շատութիւնովը երեւցաւ։

12 Բայց անիկա բարկութեամբ խլուեցաւ ու գետինը ձգուեցաւ

Եւ արեւելեան հովը անոր պտուղը չորցուց։

Անոր զօրաւոր ճիւղերը կոտրեցան ու չորցան

Եւ զանոնք կրակը կերաւ։

13 Հիմա անապատի մէջ

Չոր ու անջուր տեղ մը տնկուեցաւ։

14 Անոր ոստերուն մէկ կօթունէն կրակ ելաւ,

Անոր պտուղը կերաւ։

Անոր վրայ իշխանի գաւազանի համար զօրաւոր ճիւղ չմնաց։

Ասիկա ողբալի պիտի ըլլայ»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ

20 1 Եօթներորդ տարուան, հինգերորդ ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը հարցնելու համար Իսրայէլի ծերերէն մարդիկ եկան եւ իմ առջեւս նստան։

Ու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Միթէ դուք ինծի հարցնելո՞ւ եկաք։ Ես կենդանի եմ, որ ձեզի պատասխան պիտի չտամ’։ Միթէ անոնց դատաստան պիտի ընե՞ս, որդի՛ մարդոյ։ Այն ատեն անոնց հայրերուն պղծութիւնները անոնց գիտցուր Ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը որ Իսրայէլը ընտրեցի եւ Յակոբին տանը սերունդին իմ ձեռքս վերցուցի ու Եգիպտոսի մէջ անոնց յայտնուեցայ, իմ ձեռքս անոնց վերցնելով՝ ըսի թէ «Ձեր Տէր Աստուածը ես եմ». Այն օրը իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք Եգիպտոսէն, այն կաթ ու մեղր բղխող ու ամէն երկիրներու պարծանքը եղող երկիրը հանեմ, որ անոնց համար պատրաստեր էի Ու անոնց ըսի. «Ամէն մարդ իր աչքերուն գարշութիւնները թող մէկդի ձգէ ու Եգիպտոսի կուռքերովը չպղծուի. ես եմ ձեր Տէր Աստուածը»’»։

«Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան եւ չուզեցին ինծի մտիկ ընել, մէկդի չձգեցին իրենց աչքերուն գարշութիւնները ու Եգիպտոսի կուռքերը չթողուցին։ Այն ատեն ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ ու Եգիպտոսի մէջ անոնց պիտի բարկանամ։ Բայց ես իմ անուանս համար ըրի, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ՝ որոնց մէջ անոնք կը գտնուէին եւ որոնց առջեւ ես անոնց յայտնուեցայ, երբ զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի։

10 Զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի անապատը տարի 11 Եւ իմ օրէնքներս անոնց տուի ու իմ դատաստաններս անոնց գիտցուցի, որոնցմով մարդ կ’ապրի, եթէ զանոնք կատարէ։ 12 Իմ շաբաթներս ալ անոնց տուի, որպէս զի իմ ու անոնց մէջտեղ նշան ըլլան, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, որ զիրենք կը սրբեմ։

13 «Բայց Իսրայէլի տունը անապատին մէջ ինծի դէմ ապստամբեցաւ։ Իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ դատաստաններս մերժեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի եթէ զանոնք կատարէ։ Իմ շաբաթներս պղծեցին. անոր համար ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ անապատին մէջ ու զանոնք պիտի սպառեմ։ 14 Ասիկա ես ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն մէջ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։ 15 Անապատին մէջ որոշեցի զանոնք չտանիլ այն երկիրը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի եւ ամէն երկիրներուն պարծանքը եղող երկիրը, որ անոնց տուեր էի։ 16 Քանզի իմ դատաստաններս մերժեցին, իմ օրէնքներովս չքալեցին, իմ շաբաթներս պղծեցին. վասն զի անոնց սիրտը իրենց կուռքերուն ետեւէն կ’երթար։ 17 Բայց իմ աչքս անոնց խնայեց, որ զանոնք չկորսնցնեմ. ուստի անապատին մէջ զանոնք չսպառեցի։

18 «Անապատին մէջ անոնց որդիներուն ըսի. ‘Ձեր հայրերուն կանոններովը մի՛ քալէք ու անոնց սովորութիւնները մի՛ պահէք եւ անոնց կուռքերովը մի՛ պղծուիք։ 19 Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։ Իմ օրէնքներովս քալեցէ՛ք, 20 Իմ շաբաթներս սուրբ պահեցէ՛ք։ Անոնք իմ ու ձեր մէջտեղ նշան ըլլան. որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։

21 «Բայց անոնց որդիներն ալ ինծի դէմ ապստամբեցան. իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ կանոններս պահել չմտածեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի՝ եթէ զանոնք կատարէ, իմ շաբաթներս պղծեցին։ Ուստի ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ, անապատին մէջ իմ բարկութիւնս անոնց վրայ պիտի բորբոքի։ 22 Սակայն իմ ձեռքս ետ քաշեցի ու ասիկա ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։

23 «Անապատին մէջ իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան ընեմ։ 24 Վասն զի իմ դատաստաններս չգործադրեցին ու իմ օրէնքներս մերժեցին եւ իմ շաբաթներս պղծեցին ու իրենց աչքերը իրենց հայրերուն կուռքերուն ետեւէն եղան։ 25 Ուստի ես ալ այնպիսի օրէնքներ տուի անոնց՝ որ օգտակար չէին ու այնպիսի կարգադրութիւններ՝ որոնցմով չէին կրնար ապրիլ։ 26 Զանոնք իրենց ընծաներովը պղծեցի, զանոնք թող տալով որ ամէն արգանդ բացողը կրակէ անցընեն, որպէս զի զանոնք կորսնցնեմ, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։

27 «Անոր համար, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը խօսէ՛ ու անոնց ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր հայրերը ասով ալ ինծի դէմ յանցանք ընելով՝ զիս նախատեցին։ 28 Վասն զի երբ զանոնք տարի այն երկիրը, որ անոնց տալու համար ձեռքս վերցուցեր էի, ամէն բարձր բլուր ու ամէն տերեւախիտ ծառ տեսնելով՝ իրենց զոհերը հոն մատուցանեցին, իրենց գրգռիչ ընծաները հոն ներկայացուցին, իրենց անուշահոտ խունկերը հոն ծխեցին եւ իրենց ըմպելի նուէրները հոն մատուցանեցին»։ 29 (Անոնց ըսի. ‘Ի՞նչ է այդ բարձր տեղը, ուր դուք կ’երթաք, որուն անունը մինչեւ այսօր Բարձր տեղ կը կոչուի’)։

30 «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ձեր հայրերուն հետեւելով պոռնկութիւն կ’ընէք 31 Եւ ձեր ընծաները մատուցանելով ու ձեր տղաքը կրակէ անցընելով, ձեր բոլոր կուռքերով կը պղծուիք. միթէ ես ձեզի պատասխան պիտի տա՞մ, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ Ես կենդանի եմ, որ ձեզի պատասխան պիտի չտամ’։

32 «Ձեր սրտին խորհուրդը ամենեւին պիտի չկատարուի, որ կ’ըսէք թէ ‘Մենք փայտ ու քար պաշտելով, հեթանոսներուն պէս, երկիրներուն ազգատոհմերուն պէս պիտի ըլլանք’»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՊԱՏԺԷ ԵՒ ԿԸ ՆԵՐԷ

33 «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Անշուշտ ձեր վրայ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով ու թափուած բարկութիւնով թագաւորութիւն պիտի ընեմ։ 34 Զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ թափուած բարկութիւնով ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հանեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝ ուր դուք ցրուեցաք։ 35 Ձեզ ազգերուն անապատը պիտի տանիմ ու հոն ձեզի հետ երես երեսի դատ պիտի վարեմ։ 36 Ինչպէս Եգիպտոսի երկրին անապատին մէջ ձեր հայրերուն հետ դատ վարեցի, այնպէս ալ ձեզի հետ դատ պիտի վարեմ, 37 Ձեզ գաւազանի տակէն պիտի անցընեմ ու ձեզ ուխտին կապին տակ պիտի մտցնեմ։ 38 Ապստամբներն ու ինծի դէմ յանցաւոր եղողները ձեզմէ պիտի զատեմ. զանոնք իրենց պանդխտութեան երկրէն պիտի հանեմ։ Անոնք Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնեն։ Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։

39 «Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Գացէ՛ք, այսուհետեւ ամէն մէկդ ձեր կուռքերուն ծառայութիւն ըրէք, քանի որ դուք ինծի մտիկ չէք ըներ. բայց իմ սուրբ անունս ձեր ընծաներովն ու ձեր կուռքերովը մի՛ պղծէք։ 40 Վասն զի իմ սուրբ լերանս վրայ, Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ, բոլոր Իսրայէլի տունը՝ ամէնքը իրենց երկրին մէջ ըլլալով՝ հոն ինծի ծառայութիւն պիտի ընեն։ Հոն անոնց պիտի հաճիմ եւ ձեր պատարագներն ու ձեր ընծաներուն երախայրիները ձեր բոլոր սուրբ բաներովը՝ հոն պիտի փնտռեմ։ 41 Երբ ձեզ ազգերէն հանեմ ու ձեզ հաւաքեմ այն երկիրներէն, ուր դուք ցրուած էք, անուշահոտ խունկով ձեզի պիտի հաճիմ եւ ձեր մէջ ազգերուն աչքերուն առջեւ սուրբ պիտի ըլլամ։ 42 Երբ ձեզ Իսրայէլի երկիրը տանիմ, այսինքն այն երկիրը որ ձեր հայրերուն խոստացայ, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 43 Հոն պիտի յիշէք ձեր ճամբաները ու ձեր բոլոր գործերը՝ որոնցմով պղծուեցաք եւ ձեր ըրած բոլոր չարութիւններուն համար դուք ձեզմէ պիտի զզուիք։ 44 Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, երբ ձեզի այսպէս ընեմ իմ անուանս համար եւ ո՛չ թէ ձեր ճամբաներուն ու ձեր ապականուած վարմունքին համեմատ, ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէր Եհովան’»։

ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ԿՐԱԿ

45 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 46 «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի հարաւ դարձուր ու դէպի հարաւ խօսէ ու հարաւային դաշտին անտառին վրայ մարգարէութիւն ըրէ 47 Եւ հարաւային անտառին ըսէ՛, Տէրոջը խօսքը լսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու մէջդ կրակ պիտի վառեմ, որը քու մէջդ եղած ամէն կանանչ ծառ ու ամէն չոր ծառ պիտի ուտէ։ Բռնկած բոցը պիտի չմարի ու անով հարաւէն մինչեւ հիւսիս բոլոր կողմերը պիտի այրին։ 48 Եւ ամէն մարմին պիտի տեսնէ թէ ես՝ Տէրս՝ զանիկա վառեցի։ Անիկա պիտի չմարի’»։ 49 Այն ատեն ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, անոնք ինծի համար կ’ըսեն. ‘Չէ՞ որ ասիկա այլաբանութիւններով կը խօսի’»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՈՒՐԸ

21 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի Երուսաղէմ դարձո՛ւր ու սուրբ տեղերուն խօսէ՛ ու Իսրայէլի երկրին մարգարէութիւն ըրէ՛ Եւ Իսրայէլի երկրին ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ ու իմ սուրս իր պատեանէն պիտի հանեմ եւ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ։ Քանի որ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ, անոր համար հարաւէն մինչեւ հիւսիս ամէն մարմնի դէմ իմ սուրս իր պատեանէն հաներ եմ եւ Ամէն մարմին պիտի գիտնայ թէ անգամ մըն ալ ետ պիտի չդարձնեմ։ Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, հեծեծէ՛, կոտրած սրտով եւ դառնութեամբ անոնց աչքերուն առջեւ հեծեծէ՛։ Երբ քեզի հարցնեն թէ ‘Ինչո՞ւ կը հեծեծես’, այն ատեն ըսէ՛. ‘Գոյժին համար, վասն զի կու գայ եւ ամէն սիրտ պիտի հալի եւ ամէն ձեռք պիտի թուլնայ ու ամէն հոգի պիտի մարի եւ ամէն ծունկ ջուրի պէս պիտի ըլլայ. ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ըսէ թէ Սո՜ւրը, սո՜ւրը սրուեցաւ ու նաեւ սրբուեցաւ։ 10 Մեծ կոտորած ընելու համար սրբուեցաւ։ Հիմա մենք ուրախանա՞նք։ Իմ որդիիս գաւազանը ամէն փայտ կ’անարգէ։ 11 Բայց Ինք սրբուելու տուաւ զանիկա, որպէս զի ձեռքով բռնուի։ Այս սուրը սրուած է ու սրբուած է, որպէս զի զանիկա սպաննողին ձեռքը տայ։ 12 Աղաղակէ՛ ու ողբա՛, որդի՛ մարդոյ, քանզի անիկա իմ ժողովուրդիս վրայ, Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն վրայ պիտի ըլլայ. իմ ժողովուրդիս վրայ սուրի պատճառով վախեր պիտի ըլլան։ Անոր համար քու ազդրիդ զարկ, 13 Վասն զի փորձ պիտի չըլլայ ու ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ գաւազանը արհամարհես», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

14 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ մարգարէութիւն ըրէ ու ձեռքերդ իրարու զա՛րկ եւ սուրը, սպաննուածներուն սուրը, երեք անգամ թող կրկնուի. մեծամեծներուն, վիրաւորներուն սուրը ասիկա է, որ անոնց բոլորտիքը պաշարեց։ 15 Իրենց սրտերուն նուաղելուն համար ու խոչերուն շատնալուն համար՝ անոնց բոլոր դռներուն վրայ սուրին վախը դրի։ Աւա՜ղ, անիկա փայլելու համար շինուեցաւ, մորթելու համար սրուեցաւ։ 16 Ինքզինքդ հաւաքէ՛, զա՛րկ քու աջ կամ ձախ կողմդ, ուր որ երեսդ դարձած է։ 17 Ես ալ ձեռքերս իրարու պիտի զարնեմ եւ իմ սրտմտութիւնս պիտի հատցնեմ, ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։

ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՍՈՒՐԸ

18 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 19 «Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի երկու ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի Բաբելոնի թագաւորին սուրը գայ։ Անոնց երկուքն ալ մէկ երկրէ պիտի ելլեն։ Տեղ մը ընտրէ՛, քաղաքին ճամբուն գլուխը ընտրէ՛։ 20 Ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի սուրը գայ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային վրայ եւ Յուդայի մէջ եղող պարսպապատ Երուսաղէմին վրայ։

21 Վասն զի Բաբելոնի թագաւորը ճամբուն բաժանումին վրայ՝ երկու ճամբուն գլուխը կայնեցաւ, որպէս զի հմայութիւն ընէ։ Անիկա իր նետերը երերցուց, թերափիմներուն հարցուց. լեարդին նայեցաւ։ 22 Անոր աջ ձեռքին մէջ հմայութիւն կար Երուսաղէմի համար, որպէս զի մեքենաներ դնեն, պատերազմի մէջ բերաննին բանան ու աղաղակով ձայն վերցնեն, դռներու դէմ մեքենաներ դնեն, հողաբլուր կանգնեցնեն ու մարտկոց շինեն։ 23 Բայց ասիկա անոնց աչքերուն առջեւ սնոտի հմայութեան մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի անոնք երդումներ ըրեր էին. բայց անիկա իրենց անօրէնութիւնը պիտի յիշեցնէ, որպէս զի բռնուին։

24 «Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուք ձեր անօրէնութիւնը յիշեցուցիք, երբ ձեր յանցանքները յայտնուեցան ու բոլոր գործերնուդ մէջ ձեր մեղքերը երեւցան, զանոնք յիշեցնելնուդ համար ձեռքով պիտի բռնուիք։ 25 Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլի պիղծ ու ամբարիշտ իշխան, օրը հասեր է, քու անօրէնութեանդ վերջին պատիժին ժամանակը’։ 26 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Խոյրը վերցո՛ւր ու թագը հանէ՛. ասիկա այսպէս չ’ըլլար. ցածը բարձրացո՛ւր ու բարձրը ցածցո՛ւր։ 27 Զանիկա տակնուվրայ, տակնուվրայ, տակնուվրայ պիտի ընեմ ու ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է։ Անոր պիտի տամ’»։

ՍՈՒՐ ՄԸ ԵՒ ԱՄՄՈՆԱՑԻՆԵՐԸ

28 «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ, Ամմոնի որդիներուն համար ու անոնց նախատինքին համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Սուրը, սուրը քաշուած է, որ մորթելու համար սրբուած է, որպէս զի իր փայլատակումով հատցնէ, 29 Երբ քեզի համար ունայն տեսիլքներ կը տեսնեն, սուտ հմայութիւններ կ’ընեն, որպէս զի ամբարիշտներուն պարանոցին վրայ բերեն, որոնց օրը հասեր է եւ անոնց անօրէնութեանը ժամանակին վախճանը. 30 Զանիկա իր պատեանը դարձնե՞մ։ Քեզ ու քու ստեղծման տեղդ ու ծննդեանդ երկրին մէջ պիտի դատեմ։ 31 Քու վրադ իմ բարկութիւնս պիտի թափեմ, քու վրադ իմ սրտմտութեանս կրակովը պիտի փչեմ ու քեզ բարբարոս մարդոց, ապականելու վարպետ եղողներուն ձեռքը պիտի տամ։ 32 Հրոյ ճարակ պիտի ըլլաս, քու արիւնդ երկրին մէջտեղը պիտի ըլլայ, դուն պիտի չյիշուիս. վասն զի ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ’»։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՈՃԻՐՆԵՐԸ

22 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, այս արիւնահեղ քաղաքը պիտի դատե՞ս։ Ուրեմն անոր բոլոր պղծութիւնները իրեն գիտցուր Ու ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛վ քաղաք, որ քու մէջդ արիւն կը թափես, որպէս զի քու ժամանակդ գայ եւ քու անձդ ապականելու համար քեզի կուռքեր կը շինես, Դուն քու թափած արիւնովդ յանցաւոր եղար ու շինած կուռքերովդ ապականեցար։ Քու օրերդ մօտեցուցիր ու քու տարիներուդ սահմանը մօտեցար, անոր համար քեզ ազգերուն նախատինք ու բոլոր երկրին ծաղրանքի առարկայ ըրի։ Քեզի մօտ եղողները ու քեզմէ հեռու եղողները քեզ պիտի ծաղրեն, ո՛վ վատահամբաւ, աղմկալից քաղաք’։

«Ահա քու մէջդ Իսրայէլի իշխանները, ամէն մէկը իր բազուկովը արիւն թափելու համար կայներ են։ Քու մէջդ հայրն ու մայրը անարգեցին, քու մէջդ օտարականին բռնութիւն ըրին, քու մէջդ որբին ու որբեւայրիին զրկանք ըրին։ Իմ սուրբ բաներս արհամարհեցիր եւ իմ շաբաթներս պղծեցիր։ Քու մէջդ բանսարկու մարդիկ կան արիւն թափելու համար, քու մէջդ լեռներու վրայ կերան, քու մէջդ եղեռնագործութիւն ըրին։ 10 Քու մէջդ տղան իր հօրը մերկութիւնը յայտնեց, քու մէջդ անմաքուր եղող կինը անարգեցին։ 11 Նաեւ մէկը իր դրացիին կնոջ հետ պղծութիւն ըրաւ, մէկը եղեռնագործութիւն ըրաւ՝ իր հարսը պղծելով, քու մէջդ ուրիշ մըն ալ իր քոյրը, իր հօրը աղջիկը բռնաբարեց։ 12 Քու մէջդ արիւն թափելու համար կաշառք առին, վաշխ ու տոկոս առիր եւ բռնութիւն ընելով քու դրացիներէդ բան վաստկեցար ագահութեամբ ու զիս մոռցար», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

13 «Ուստի ահա քու ըրած ագահութեանդ ու քու մէջդ եղած արիւնահեղութեան համար ձեռքերս իրարու զարկի։ 14 Միթէ քու սիրտդ կրնա՞յ դիմանալ, կամ թէ ձեռքերդ կրնա՞ն ուժովնալ այն օրերը՝ երբ ես քեզի հատուցում ընեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ։ 15 Քեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու քեզ երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ եւ քու պղծութիւնդ քեզմէ պիտի ջնջեմ։ 16 Դուն քեզմէ պիտի պղծուիս ազգերուն աչքերուն առջեւ ու պիտի գիտնաս թէ՝ ես եմ Տէրը»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՏՈՂ ՓՈՒՌԸ

17 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 18 «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը ինծի կղկղանքի պէս եղաւ. ամէնքը հալոցի մէջ՝ պղնձի, անագի, երկաթի ու կապարի պէս՝ արծաթի կղկղանք եղան։ 19 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ամէնքդ կղկղանքի պէս եղաք, անոր համար ահա ես ձեզ Երուսաղէմի մէջ պիտի հաւաքեմ։ 20 Ինչպէս արծաթն ու պղինձը ու երկաթը եւ կապարը ու անագը հալոցի մէջ կը հաւաքեն ու անոր վրայ կրակը կը փչեն՝ զանիկա հալեցնելու համար, այնպէս ալ ձեզ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի հաւաքեմ, մէջը պիտի դնեմ ու հալեցնեմ։ 21 Ձեզ մէկտեղ բերելով՝ ձեր վրայ իմ բարկութեանս կրակը պիտի փչեմ եւ դուք անոր մէջ պիտի հալիք։ 22 Ինչպէս արծաթը հալոցին մէջ կը հալի, դուք ալ անոր մէջ այնպէս պիտի հալիք ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ իմ սրտմտութիւնս թափեցի ձեր վրայ’»։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԵՂՔԸ

23 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 24 «Որդի՛ մարդոյ, անոր ըսէ՛. ‘Դուն այնպիսի երկիր մըն ես, որ ո՛չ մաքրուած է, ո՛չ ալ բարկութեան օրը՝ անձրեւով թրջուած։ 25 Անոր մէջ իր մարգարէներուն դաւաճանութիւնը կայ, որոնք աւար յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս հոգիներ կ’ուտեն։ Անոնք գանձ ու պատուական բաներ առին ու որբեւայրիները շատցուցին։ 26 Անոր քահանաները իմ օրէնքս աւրեցին ու իմ սուրբ բաներս պղծեցին, սուրբը պիղծէն չզանազանեցին եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը չգիտցուցին։ Իրենց աչքերը իմ շաբաթներէս ծածկեցին ու ես անոնց մէջ պիղծ սեպուեցայ։ 27 Անոր իշխանները անոր մէջ յափշտակող գայլերու պէս արիւն թափելու ու հոգի կորսնցնելու ետեւէ եղան, որպէս զի ագահութեամբ վաստկին։ 28 Անոր մարգարէները ունայն տեսիլքներ տեսնելով ու անոնց սուտ գուշակութիւն ընելով՝ զանոնք կիրով ծեփեցին ու ըսին. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ», թէեւ Տէրը խօսած չէր’։ 29 Երկրին բնակիչները մեծ զրկանք ըրին ու մեծ յափշտակութիւն ըրին եւ աղքատն ու տնանկը բռնադատեցին ու օտարականը անիրաւութեամբ զրկեցին։ 30 Անոնցմէ մարդ մը փնտռեցի, որ պարիսպ շինէ ու խրամատին մէջ իմ առջեւս կենայ երկրին համար, որպէս զի զանիկա չաւերեմ. բայց չգտայ։ 31 Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի, զանոնք իմ սրտմտութեանս կրակովը սպառեցի. անոնց ճամբաները իրենց գլուխը տուի»։

ՄԵՂԱՒՈՐ ՔՈՅՐԵՐԸ

23 1 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երկու կիներ կային մէկ մօր աղջիկներ։ Անոնք Եգիպտոսի մէջ պոռնկութիւն ըրին, իրենց մանկութեան ատենը պոռնկութիւն ըրին։ Անոնց ծիծերը հոն ճնշուեցան ու անոնց կուսութեան ստինքները հոն շօշափուեցան։ Անոնց անունները՝ մեծինը Ոողա ու անոր քրոջը՝ Ոողիբա էր։ Անոնք իմս եղան եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնան։ Անոնց անունները՝ Ոողա Սամարիա է ու Ոողիբա Երուսաղէմ է։

«Ոողա քանի որ իմս էր, պոռնկութիւն ըրաւ, իր տարփածուներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանցի դրացիներուն, Կապուտակ հագնող կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձի հեծնող ձիաւորներուն՝ որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։ Անիկա պոռնկութիւն ըրաւ անոնց հետ, այսինքն Ասորեստանի ընտիր որդիներուն հետ, նաեւ այն ամենուն հետ՝ որոնց սիրահարեցաւ ու անոնց ամէն կուռքերովը պղծուեցաւ։ Եգիպտոսէն բերած պոռնկութիւնները չթողուց. վասն զի անոր մանկութեան ատեն անոր հետ պառկեր էին։ Անոր կուսութեան ստինքները շօշափեր էին ու իրենց պոռնկութիւնը անոր վրայ թափեր էին։ Անոր համար զանիկա ձեռքը տուի, Ասորեստանի որդիներուն ձեռքը, որոնց սիրահարած էր։ 10 Անոնք անոր մերկութիւնը յայտնեցին, անոր տղաքներն ու աղջիկները առին ու զանիկա սուրով մեռցուցին. այսպէս անիկա կիներուն մէջ անուանի եղաւ եւ զայն պատժեցին։

11 «Երբ անոր քոյրը Ոողիբա տեսաւ, իր սիրահարելովը անկէ աւելի ապականեցաւ եւ իր պոռնկութիւնները իր քրոջը պոռնկութիւններէն աւելի շատցուց։ 12 Իր դրացիներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանի որդիներուն, շքեղութեամբ հագուած կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձիաւորներուն, որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։ 13 Տեսայ թէ պղծուեցաւ ու երկուքին ալ ճամբան մէկ եղաւ։ 14 Իր պոռնկութիւնները աւելցուց, քանզի երբ պատի վրայ նկարուած մարդիկ, նօթով նկարուած Քաղդէացիներուն պատկերները տեսաւ, 15 Որոնք մէջքերնին գօտի կապած էին եւ իրենց գլուխներուն վրայ ներկուած խոյրեր ունէին ու բոլորը իշխաններու կերպարանքով էին, իրենց ծննդեան երկրին Բաբելոնի որդիներուն, Քաղդէացիներուն նման, 16 Զանոնք տեսածին պէս անոնց սիրահարեցաւ եւ անոնց՝ Քաղդէացիներուն երկիրը դեսպաններ ղրկեց։ 17 Բաբելոնի որդիները անոր հետ սիրոյ անկողինը մտան եւ զանիկա իրենց պոռնկութիւններով պղծեցին ու անիկա անոնց հետ պղծուեցաւ ու ետքը անոր հոգին անոնցմէ զատուեցաւ։ 18 Եւ իր պոռնկութիւնները յայտնեց ու իր մերկութիւնը բացաւ. ուստի իմ հոգիս անկէ զատուեցաւ, ինչպէս անոր քրոջմէն զատուեր էր։ 19 Այսպէս անիկա իր պոռնկութիւնները շատցուց, յիշելով իր մանկութեան օրերը՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ շնութիւն ըրած ժամանակը 20 Ու սիրահարեցաւ անոնց տարփածուներուն, որոնց մարմինը էշերու մարմին էր ու անոնց զօրութիւնը ձիերու զօրութիւն էր։ 21 Դուն նորէն քու մանկութեանդ պղծագործութիւնը ձեռք առիր, որ մանկութեանդ ծիծերուն ճնշուելովը՝ ստինքներդ Եգիպտացիներէն շօշափուեցան»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ՓՈՔՐ ՔՐՈՋ

22 «Անոր համար, ո՛վ Ոողիբա, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու վրադ պիտի գրգռեմ քու տարփածուներդ, որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ ու զանոնք ամէն կողմէն քու վրադ պիտի բերեմ, 23 Բաբելոնի որդիները ու բոլոր Քաղդէացիները, Փակուդը, Սուէն ու Կուէն եւ անոնց հետ Ասորեստանի բոլոր որդիները, ամէնքը շնորհալի երիտասարդներ, կուսակալներ ու նախարարներ, բոլորը ձի հեծնող զօրագլուխներ ու անուանի մարդիկ։ 24 Անոնք զէնքերով, կառքերով ու անիւներով ու ժողովուրդներու բազմութիւնով քու վրադ պիտի գան եւ ամէն կողմէ քեզի դէմ վահան, ասպար ու սաղաւարտ պիտի դնեն եւ դատը անոնց ձեռքը պիտի տամ ու քեզ իրենց օրէնքներովը պիտի դատեն։ 25 Իմ նախանձս քեզի դէմ պիտի դնեմ, որ քեզի հետ բարկութեամբ վարուին։ Քու քիթդ ու ականջներդ պիտի կտրեն եւ քու մնացորդդ սուրով պիտի իյնայ։ Անոնք քու տղաքներդ ու աղջիկներդ պիտի առնեն ու քու մնացորդդ կրակով պիտի այրեն։ 26 Քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն ու քու թանկագին զարդերդ պիտի առնեն։ 27 Քեզմէ պիտի դադրեցնեմ քու պղծագործութիւնդ ու քու պոռնկութիւններդ, որոնք Եգիպտոսէն բերիր, որ աչքերդ անոնց չվերցնես ու անգամ մըն ալ Եգիպտոսը չյիշես»։

28 Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզ պիտի մատնեմ անոնց ձեռքը, որոնք դուն ատեցիր եւ անոնց ձեռքը որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ։ 29 Անոնք քեզի հետ ատելութեամբ պիտի վարուին ու քու բոլոր վաստակդ պիտի առնեն եւ քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն ու քու պոռնկութիւններուդ մերկութիւնը, քու ամբարշտութիւնդ ու պոռնկութիւնդ պիտի յայտնուին։ 30 Ազգերուն հետեւելով պոռնկութիւն ընելուդ համար եւ անոնց կուռքերովը պղծուելուդ համար՝ այս բաները քեզի պիտի ընեմ։ 31 Դուն քու քրոջդ ճամբան գացիր, ես ալ անոր բաժակը քու ձեռքդ պիտի տամ»։ 32 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Դուն քու քրոջդ խորունկ ու լայն բաժակը պիտի խմես, խաղք ու խայտառակ պիտի ըլլաս, այն բաժակը շատ բան կ’առնէ։ 33 Դուն արբեցութեամբ ու տրտմութեամբ պիտի լեցուիս։ Ապշութեան ու զարմացման բաժակ մըն է քու քրոջդ Սամարիային բաժակը։ 34 Դուն զանիկա պիտի խմես ու պիտի քամես եւ անոր կտորները պիտի լզես ու ստինքներդ պիտի պատռտես, քանզի ես խօսեցայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 35 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Զիս մոռնալուդ ու կռնակիդ ետեւը նետելուդ համար, դուն ալ քու պղծութիւնդ ու պոռնկութիւններդ պիտի կրես’»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՐԿՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ

36 Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Ոողայի ու Ոողիբայի դատը պիտի տեսնե՞ս։ Ուրեմն անոնց պղծութիւնները իրենց յայտնէ՛։ 37 Վասն զի շնութիւն ըրին ու ձեռքերնուն մէջ արիւն կայ եւ իրենց կուռքերովը շնութիւն ըրին ու իրենց ինծի ծնած տղաքն ալ կրակէ անցուցին, որպէս զի անոնց կերակուր ըլլան։ 38 Նոյն օրը իմ սրբարանս մաքրեցին ու իմ շաբաթներս պղծեցին։ 39 Վասն զի երբ իրենց տղաքը իրենց կուռքերուն զոհեցին, նոյն օրը իմ սրբարանս մտան, որպէս զի զանիկա պղծեն եւ ահա իմ տանս մէջ նոյնպէս ըրին։ 40 Նաեւ հեռուէն գալիք մարդոց լուր ղրկեցին, որոնք պատգամաւորներ ղրկուելուն պէս, եկան։ Դուն անոնց համար լուացուեցար ու աչքերուդ վրայ ծարոյր դրիր ու զարդերով զարդարուեցար։ 41 Եւ պատուական բազմոցի վրայ նստեցար, որուն առջեւ պատրաստուած սեղան կար եւ իմ խունկս ու իւղս անոր վրայ դրիր։ 42 Ու հոն ուրախութիւն ընող բազմութեան ձայն կը լսուէր ու այն բազմաթիւ մարդոցմէ զատ անապատէն գինեմոլ մարդիկ բերուեցան, որոնք իրենց ձեռքերը ապարանջաններ ու գլուխները թանկագին թագեր դրած էին։

43 «Շնութեան մէջ ծերացածին համար ըսի. ‘Հիմա ալ ասոր հետ պոռնկութիւն պիտի ընե՞ն’։ 44 Անոր քով կը մտնէին. ինչպէս պոռնիկ կնոջ քով կը մտնեն, այնպէս ալ Ոողայի ու Ոողիբայի, այն անպարկեշտ կիներուն քով կը մտնէին. 45 Բայց արդար մարդիկ շնացող կիներուն դատաստանովը ու արիւն թափող կիներուն դատաստանովը պիտի դատեն զանոնք. վասն զի անոնք շնացող կիներ են ու անոնց ձեռքերուն մէջ արիւն կայ»։

46 Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Անոնց դէմ խռովութիւն պիտի հանեմ եւ զանոնք նեղութեան ու յափշտակութեան պիտի մատնեմ։ 47 Ժողովուրդը զանոնք պիտի քարկոծեն եւ իրենց սուրերովը պիտի կտրտեն. անոնց տղաքներն ու աղջիկները պիտի մեռցնեն, անոնց տուները կրակով պիտի այրեն։ 48 Ասով երկրէն պղծագործութիւնը պիտի վերցնեն, որպէս զի ամէն կին խրատուի ու ձեր պղծութեանը պէս չընէ։ 49 Եւ ձեր պղծութիւնը ձեր վրայ պիտի դնեն ու դուք ձեր կուռքերուն մեղքերը պիտի կրէք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան»։

ԺԱՆԳՈՏԱԾ ԿԱԹՍԱՆ

24 1 Իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի այս օրուան անունը՝ ճիշդ այս օրը գրէ. Բաբելոնի թագաւորը ճիշդ այս օրը Երուսաղէմի մօտեցաւ։ Այն ապստամբներուն տանը առակ մը ըսէ, թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Կաթսան դիր ու մէջն ալ ջուր լեցուր։ Անոր կտորները, ամենէն աղէկ կտորները՝ ազդրը եւ ուսը՝ անոր մէջ դի՛ր ու զանիկա ընտիր ոսկորներով լեցուր։ Ոչխարներուն ընտիրները ա՛ռ ու ոսկորներն ալ տակը դիզէ՛, զանիկա խիստ շատ եռացո՛ւր, այնպէս որ մէջի ոսկորներն ալ խաշին’»։

Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, այն կաթսային, որուն ժանգը իր մէջն է ու ժանգը մէջէն ելած չէ. զանիկա իր մէջի կտորներովը հանէ՛, անոր վրայ թող վիճակ ձգուի. Վասն զի անոր արիւնը իր մէջն է։ Զանիկա չոր ապառաժի վրայ դրաւ, զանիկա գետնի վրայ չթափեց, որ զանիկա հողով ծածկէ։ Իմ սրտմտութիւնս գրգռելու ու վրէժ առնելու համար՝ անոր արիւնը չոր ապառաժի վրայ դրի, որպէս զի չծածկուի»։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, ես ալ կրակին դէզը պիտի մեծցնեմ’։ 10 Փայտերը շատցո՛ւր, կրակը բռնկեցո՛ւր, որպէս զի միսը հալի, համեմներ ալ դի՛ր, որ ոսկորները այրին։ 11 Ետքը պարապ կաթսան ածուխի վրայ դիր, որպէս զի պղինձը տաքնայ ու այրի ու մէջի պղծութիւնը հալի ու ժանգը հատնի։ 12 Անիկա աշխատութիւնով զիս յոգնեցուց ու անոր ժանգը չելաւ, անոր ժանգը կրակով չելաւ։ 13 Քու անմաքրութեանդ մէջ պղծութիւն կայ. որովհետեւ քեզ մաքրելու աշխատեցայ, բայց դուն չմաքրուեցար, այսուհետեւ քու անմաքրութենէդ պիտի չմաքրուիս, մինչեւ որ իմ բարկութիւնս քու վրադ թափեմ։ 14 Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ, ան պիտի գայ ու զանիկա պիտի կատարեմ, պիտի չներեմ ու պիտի չխնայեմ եւ պիտի չզղջամ. քու ճամբաներուդ ու քու գործերուդ համեմատ պիտի դատուիս’։

ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԿՆՈՋ ՄԱՀԸ

15 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 16 «Որդի՛ մարդոյ, ահա ես հարուածով մը քու աչքերուդ ցանկութիւնը քեզմէ պիտի առնեմ, որ չողբաս ու չլաս եւ քու աչքերէդ արցունք թող չգայ։ 17 Լռութեամբ ըլլայ քու հեծութիւնդ, մեռելի սուգ մի՛ բռներ. քու ապարօշդ գլուխդ փաթթէ, հաւաքէ՛, կօշիկներդ հագի՛ր ու շրթունքդ մի՛ ծածկեր եւ մարդոց հացը մի՛ ուտեր»։

18 Առաւօտուն ժողովուրդին խօսեցայ ու իրիկունը կինս մեռաւ ու հետեւեալ առաւօտուն ինծի հրամայուածը ըրի։ 19 Ժողովուրդը ինծի ըսաւ. «Մեզի չե՞ս բացատրեր թէ այս բաներէն ի՞նչ պիտի իմանանք’»։

20 Ես անոնց ըսի. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, Իսրայէլի տանը ըսէ՛, 21 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ սրբարանս, ձեր զօրութեանը պարծանքը, ձեր աչքերուն ցանկութիւնը ու ձեր հոգիին խնայածը պիտի պղծեմ եւ ձեր թողուցած տղաքներն ու աղջիկները սուրով պիտի իյնան։ 22 Դուք իմ ըրածիս պէս պիտի ընէք. ձեր շրթունքները պիտի չծածկէք, մարդոց հացը պիտի չուտէք 23 Ու ձեր ապարօշները գլուխնիդ եւ ձեր կօշիկները ոտքերնիդ պիտի ըլլան. պիտի չողբաք ու պիտի չլաք, հապա ձեր անօրէնութիւններովը պիտի մաշիք եւ իրարու հետ պիտի հեծեծէք։ 24 Եզեկիէլ ձեզի նշան մըն է. դուք անոր բոլոր ըրածին պէս պիտի ընէք ու երբ ասիկա ըլլայ, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան’։

25 Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երբ ես անոնցմէ առնեմ անոնց զօրութիւնը, անոնց պարծանքի ցնծութիւնը, անոնց աչքերուն ցանկութիւնն ու անոնց հոգիին սիրած տղաքներն ու աղջիկները, 26 Ահա այն օրը փախստական մը քեզի պիտի գայ եւ քու ականջներուդ պիտի պատմէ։ 27 Այն օրը քու բերանդ պիտի բացուի փախստականին քով ու պիտի խօսիս եւ ա՛լ համր պիտի չըլլաս ու դուն անոնց նշան պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԱՄՄՈՆԻՆ ԴԷՄ

25 1 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Ամմոնի որդիներուն դարձուր ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ Եւ Ամմոնի որդիներուն ըսէ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն «Վա՜շ» ըսիր իմ սրբարանիս համար՝ երբ պղծուեցաւ ու Իսրայէլի երկրին համար՝ երբ աւերակ եղաւ եւ Յուդայի տանը համար՝ երբ գերութեան գնաց. Անոր համար ահա ես քեզ արեւելքի բնակիչներուն ժառանգութիւն պիտի տամ ու քու մէջդ իրենց գիւղերը պիտի հաստատեն ու քու մէջդ իրենց վրանները պիտի բանան, քու պտուղներդ պիտի ուտեն եւ քու կաթդ պիտի խմեն։ Ռաբբան՝ ուղտերու փարախ եւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը հօտերու մակաղատեղի պիտի ընեմ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։ Վասն զի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն ծափ զարկիր ու ոտքդ գետինը զարկիր ու Իսրայէլի երկրին վրայ քու հոգիիդ բոլոր արհամարհանքովը ուրախացար, Անոր համար ահա ես իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ եւ քեզ ժողովուրդներէն պիտի կտրեմ ու քեզ երկիրներուն մէջէն պիտի կորսնցնեմ. քեզ բնաջինջ պիտի ընեմ’։ Ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը»։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՄՈՎԱԲԻՆ ԴԷՄ

Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Մովաբ ու Սէիր ինծի ըսին թէ ‘Ահա Յուդայի տունը բոլոր ազգերուն պէս է’, Անոր համար ահա ես Մովաբին սահմանը իր քաղաքներէն, իր ծայրը եղող քաղաքներէն, երկրին պարծանքը եղող Բեթեսիմօթի, Բէէլմօնի ու Կարիաթեմի կողմէն պիտի բանամ 10 Արեւելքի բնակիչներուն, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն վրայ գան։ Այն երկիրը անոնց իբր ժառանգութիւն պիտի տամ, որպէս զի Ամմոնի որդիները ազգերուն մէջ չյիշուին։ 11 Մովաբն ալ պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵԴՈՎՄԻՆ ԴԷՄ

12 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Եդովմ Յուդայի տունէն վրէժ առաւ եւ անկէ վրէժ առնելով մեծ յանցանք գործեց», 13 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Եդովմի վրայ անշուշտ ձեռքս պիտի երկնցնեմ եւ մարդն ու անասունը անկէ պիտի կոտորեմ եւ զանիկա անապատ պիտի ընեմ, Թեմանէն մինչեւ Դեդան սուրով պիտի իյնան’։ 14 Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ձեռքով իմ վրէժխնդրութիւնս Եդովմին վրայ պիտի կատարեմ ու անոնք իմ սրտմտութեանս ու բարկութեանս համեմատ պիտի ընեն Եդովմի մէջ եւ իմ վրէժխնդրութիւնս պիտի ճանչնան’»։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

15 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Փղշտացիները վրէժխնդրութեամբ վարուեցան ու հոգիի արհամարհանքով վրէժ առին՝ հին օրերու ատելութեամբ աւերելով’, 16 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ ձեռքս Փղշտացիներուն վրայ պիտի երկնցնեմ եւ Քերեթիները պիտի կոտորեմ ու ծովեզերքը եղողներուն մնացորդը բնաջինջ պիտի ընեմ 17 Եւ անոնց վրայ իմ սրտմտութեանս յանդիմանութիւններովը մեծ վրէժխնդրութիւններ պիտի կատարեմ ու երբ իմ վրէժս անոնցմէ առնեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՏԻՒՐՈՍԻՆ ԴԷՄ

26 1 Տասնըմէկերորդ տարին, ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, որովհետեւ Տիւրոս Երուսաղէմի համար ըսաւ՝ ‘Վա՜շ, ժողովուրդներուն դռները կոտրեցան, անոր ամէն բանը ինծի փոխանցուեցաւ, անոր անապատ դառնալովը ես պիտի լեցուիմ’. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Տիւրոս ու քու վրադ շատ ազգեր պիտի բարձրացնեմ, ինչպէս ծովը իր ալիքները կը բարձրացնէ Եւ անոնք Տիւրոսի պարիսպները պիտի աւերեն ու անոր աշտարակները պիտի փլցնեն։ Ես անոր հողը անկէ պիտի աւլեմ եւ զանիկա չոր ապառաժի պիտի վերածեմ։ Անիկա ծովուն մէջ ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ, վասն զի ես խօսեցայ’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Անիկա ազգերուն աւար պիտի ըլլայ Եւ անոր աղջիկները որոնք դաշտի մէջ են, սուրով պիտի սպաննուին’։ Մարդիկ պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես հիւսիսէն Տիւրոսի վրայ պիտի բերեմ թագաւորներու թագաւորը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը, ձիերով, կառքերով, ձիաւորներով, բազմութիւնով ու շատ ժողովուրդով։ Անիկա քու աղջիկներդ դաշտի մէջ սուրով պիտի մեռցնէ եւ քեզի դէմ մարտկոց պիտի շինէ ու քեզի դէմ հողաբլուր պիտի կանգնեցնէ ու քեզի դէմ վահան պիտի վերցնէ Եւ քու պարիսպներուդ դէմ իր պատերազմական մեքենաները պիտի դնէ ու իր տապարներովը քու աշտարակներդ պիտի փլցնէ։ 10 Անոր ձիերուն բազմութենէն փոշին քեզ պիտի ծածկէ. ձիաւորներուն ու անիւներուն եւ կառքերուն ձայնէն քու պարիսպներդ պիտի սասանին, երբ ինք քու դռներէդ մտնէ՝ պարիսպը փլած քաղաքի մէջ մտնողներու պէս։ 11 Քու բոլոր փողոցներդ իր ձիերուն սմբակները պիտի կոխկռտեն, քու ժողովուրդդ սուրով պիտի սպաննէ եւ քու ամուր բերդերդ գետնի հաւասար պիտի ըլլան։ 12 Քու հարստութիւնդ պիտի թալլեն ու ապրանքներդ պիտի կողոպտեն եւ քու պարիսպներդ պիտի փլցնեն ու գեղեցիկ տուներդ պիտի քակեն։ Քու քարերդ, փայտերդ ու հողդ ջուրերուն մէջ պիտի ձգեն։ 13 Եւ քու երգերուդ աղաղակը պիտի դադրեցնեմ ու քու քնարներուդ ձայնը անգամ մըն ալ պիտի չլսուի։ 14 Եւ քեզ չոր ապառաժի պիտի վերածեմ, ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլաս, անգամ մըն ալ պիտի չշինուիս. վասն զի ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։

15 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ Տիւրոսին. «Միթէ քու կործանումիդ ձայնէն կղզիները պիտի չսասանի՞ն, երբ քու մէջդ կոտորած ըլլալով՝ վիրաւորները հեծեն։ 16 Այն ատեն ծովուն բոլոր իշխանները իրենց աթոռներուն վրայէն պիտի իջնեն եւ իրենց պատմուճանները պիտի հանեն ու իրենց զարդերուն հանդերձներէն պիտի մերկանան, սուգի հագուստ պիտի հագնին, գետնի վրայ պիտի նստին եւ ամէն վայրկեան պիտի սարսափին ու քու վրայովդ պիտի ապշին 17 Եւ քու վրայովդ ողբ ընելով՝ քեզի պիտի ըսեն. ‘Ինչպէ՜ս կործանեցար, ո՛վ ծովաբնակ անուանի քաղաք, որ ծովուն մէջ զօրաւոր էիր’։ Դուն ու քու բնակիչներդ, որ ծովեզերքին բոլոր բնակիչներէն աւելի ահարկու էիք։ 18 Հիմա քու կործանումիդ օրը կղզիները պիտի դողան ու ծովու մէջ եղող կղզիները քու բնաջինջ ըլլալուդ վրայով պիտի ապշին’»։

19 Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Երբ քեզ աւերեմ այն քաղաքներուն պէս, որոնք բնակիչ չունին եւ քու վրադ անդունդը հանեմ ու շատ ջուրեր քեզ ծածկեն 20 Եւ քեզ գուբը իջնողներուն հետ հին ժողովուրդին իջեցնեմ ու քեզ գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը, յաւիտենական աւերակներուն մէջ նստեցնեմ, այնպէս որ անգամ մըն ալ մէկը մէջդ չբնակի, այն ատեն ես կենդանիներու երկիրը պիտի փառաւորեմ։ 21 Ամենէն պիտի սոսկաս ու պիտի ոչնչանաս, պիտի փնտռուիս, բայց յաւիտեան պիտի չգտնուիս»։

ԹԱՂՄԱՆ ԵՐԳ ՄԸ ՏԻՒՐՈՍԻՆ ՀԱՄԱՐ

27 1 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի վրայ ողբա՛ Եւ Տիւրոսին ըսէ՛. ‘Ով ծովուն մուտքերը բնակող, շատ կղզիներու մէջ ժողովուրդներուն հետ վաճառականութիւն ընող, ո՛վ Տիւրոս, դուն ըսիր թէ «Ես գեղեցկութեան մէջ կատարեալ եմ»։ Քու սահմաններդ ծովուն մէջտեղն են. քեզ շինողները քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին։

Անոնք քու բոլոր նաւերուդ տախտակները Սանիրի մայրիէն շինեցին. Լիբանանէն եղեւիններ առին, որպէս զի քեզի կայմեր շինեն։ Քու թիերդ Բասանի կաղնիներէն շինեցին, քու նստարաններդ Կիտացիներու կղզիներէն եկած տօսախէ շինեցին՝ փղոսկրով պատուած։ Քու բացած առագաստդ Եգիպտոսի զարդերուն բեհեզներէն էր. քու ծածկոցդ Եղիսայի կղզիներուն կապուտակ ու ծիրանեգոյն կերպասէն էր։ Սիդոնի ու Արուադի բնակիչները քու թիավարներդ էին. քու մէջդ եղող իմաստունները, ո՛վ Տիւրոս, անոնք քու նաւավարներդ էին։ Գեբաղի ծերերը ու անոր իմաստունները քու մէջդ էին՝ քու ծածկուած նաւերդ նորոգելու համար։ Ծովուն բոլոր նաւերն ու անոնց նաւաստիները քու առուտուրդ ընելու համար քու մէջդ էին։ 10 Քու զօրքերուդ մէջ պատերազմիկ Պարսիկները, Ղուդացիներն ու Փուդացիներն էին։ Անոնք քու մէջդ վահան ու սաղաւարտ կը կախէին ու անոնք քեզ փառաւորեցին։ 11 Արուադացիները քու զօրքիդ հետ՝ շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ ու Դամադացիները քու աշտարակներուդ մէջ էին։ Անոնք իրենց վահանները շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ կը կախէին։ Անոնք քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին։

12 «Ամէն տեսակ ապրանք շատ ըլլալուն համար՝ Թարսիսի բնակիչները քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ արծաթի, երկաթի, անագի ու կապարի առուտուր կ’ընէին։ 13 Յաւան, Թոբէլ ու Մոսոք քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ մարդ կը փոխանակէին ու պղնձէ ամաններու առուտուր կ’ընէին։ 14 Թորգոմի տունէն քու վաճառանոցներդ ձիեր ու կառաձիեր եւ ջորիներ կը բերէին։ 15 Դեդանի որդիները քու վաճառականներդ էին. շատ մը կղզիներու վաճառականութիւն քու ձեռքդ էր։ Անոնք քեզի հետ փղոսկրի ժանիքներով ու ոպնիազով փոխանակութիւն կ’ընէին։ 16 Ձեռագործներուդ շատութեանը համար Ասորիները քու վաճառականներդ էին։ Քու վաճառանոցներուդ մէջ կարկեհանի, ծիրանեգոյնի, ասեղնագործ կերպասի, բեհեզի, բուստերու ու կարմիր յակինթի առուտուր կ’ընէին։ 17 Յուդայի ու Իսրայէլի երկիրը քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ Մեննիթի ցորենի, խմորեղէնի, մեղրի, իւղի ու բալասանի առուտուր կ’ընէին։ 18 Ձեռագործներուդ շատութենէն, ամէն տեսակ ապրանքի շատ ըլլալուն համար, Դամասկոս քու վաճառականդ էր՝ Քեղբոնի գինիով ու ճերմակ բուրդով կը փոխանակէին։ 19 Վէդան ու Յաւան քու վաճառանոցներդ մանած կը բերէին։ Քու վաճառքներուդ մէջ բանուած երկաթ, կասիա ու խունկեղէն կար։ 20 Կառքերու համար պաստառակալներ բերող վաճառականդ Դեդան էր։ 21 Արաբացիներն ու Կեդարի բոլոր իշխանները քու պատրաստ վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ գառնուկներու, խոյերու ու նոխազներու առուտուր կ’ընէին։ 22 Սաբայի ու Ռեգմայի վաճառականները քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ ամէն տեսակ ընտիր խունկերու եւ ամէն տեսակ պատուական քարերու ու ոսկիի առուտուր կ’ընէին։ 23 Խառան, Քաննէ ու Եդեմ, Սաբայի վաճառականները եւ Ասորեստան ու Քաղմադ քու վաճառականներդ էին։ 24 Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ քեզի հետ շքեղ հանդերձներով, կապուտակ ու ասեղնագործուած վերարկուներով ու երփներանգ զգեստներով լեցուած ու չուաններով կապուած եղեւնափայտէ սնտուկներու առուտուր կ’ընէին։ 25 Թարսիսի նաւերը քու առուտուրիդ համար կը պտըտէին»։ «Այսպէս դուն լեցուեցար ու խիստ փառաւոր եղար ծովուն մէջտեղը»։

26 «Թիավարներդ քեզ դէպի շատ ջուրերը առաջնորդեցին։ Արեւելեան հովը քեզ ծովուն մէջտեղը խորտակեց։ 27 Քու ապրանքներդ ու վաճառքներդ, քու նաւավարներդ, քու նաւերդ նորոգողներն ու քեզի հետ առուտուր ընողները եւ քու մէջդ եղող բոլոր պատերազմիկները ու քու մէջդ եղող բոլոր բազմութիւնը քու կործանումիդ օրը ծովուն մէջտեղը պիտի ընկղմին։ 28 Քու նաւավարներուդ աղաղակին ձայնէն արուարձանները պիտի սարսին։ 29 Բոլոր թի քաշող նաւաստիները եւ նաւավարները իրենց նաւերէն պիտի իջնեն ու ցամաքը պիտի կայնին։ 30 Իրենց ձայնը քու վրայովդ լսել պիտի տան ու դառնապէս պիտի աղաղակեն եւ իրենց գլուխներուն վրայ հող պիտի ցանեն ու մոխիրի մէջ պիտի թաւալին։ 31 Քեզի համար մազերնին պիտի փետտեն եւ քուրձ պիտի հագնին ու քեզի համար սրտի ցաւով ու դառն ողբով պիտի լան։ 32 Իրենց սուգին մէջ քեզի համար ողբի ձայն պիտի վերցնեն ու քու վրադ ողբան ըսելով. ‘Կա՞ր Տիւրոսի նման քաղաք, որ ծովուն մէջ բնաջինջ եղաւ’։ 33 Քանի որ քու վաճառքներդ ծովէն կ’ելլէին, շատ ազգեր կը կշտացնէիր, շատ ապրանքներով ու առուտուրներով շատ թագաւորներ կը հարստացնէիր։ 34 Ջուրերուն խորութեանը մէջ ծովերէն կլլուած ատենդ՝ քու վաճառքներդ եւ բոլոր նաւաստիները քեզի հետ ընկղմեցան։ 35 Կղզիներու բոլոր բնակիչները քու վրադ ապշեցան ու անոնց թագաւորները խիստ զարհուրեցան, իրենց երեսները դեղնեցան։ 36 Ազգերուն վաճառականները վրադ սուլեցին։ Դուն սոսկումի պատճառ եղար եւ յաւիտենապէս ոչնչացար»։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՏԻՒՐՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԴԷՄ

28 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի իշխանին ըսէ թէ՝ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու սիրտդ հպարտացաւ ու ըսիր թէ «Ես աստուած մըն եմ, եւ ծովուն մէջտեղը Աստուծոյ աթոռը կը նստիմ». սակայն դուն մարդ ես ու ո՛չ թէ աստուած, թէեւ քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր’. Ահա դուն Դանիէլէն իմաստուն ես, բնաւ գաղտնիք մը քեզմէ պահուած չէ։ Քու իմաստութիւնովդ ու հանճարովդ քեզի հարստութիւն ստացար եւ գանձերուդ մէջ ոսկի ու արծաթ հաւաքեցիր։ Իմաստութեամբ ու վաճառականութեամբ հարստութիւնդ շատցուցիր եւ քու հարստութեանդ պատճառով սիրտդ հպարտացաւ։

Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր, Անոր համար ահա ես քու վրադ օտարներ, ազգերու բռնապետներ պիտի բերեմ։ Անոնք քու իմաստութեանդ գեղեցկութեանը վրայ սուրերնին պիտի քաշեն ու քու վայելչութիւնդ պիտի ապականեն։ Քեզ գուբը պիտի իջեցնեն ու ծովուն մէջտեղը վիրաւորներու մահովը պիտի մեռնիս։ Միթէ քեզ սպաննողներուն առջեւ պիտի կրնա՞ս ըսել թէ ‘Ես աստուած եմ’. դուն քեզ մեռցնողներուն ձեռքին մէջ մարդ պիտի ըլլաս ու ո՛չ թէ աստուած։ 10 Օտարներուն ձեռքով՝ անթլփատներուն մահովը պիտի մեռնիս, քանզի ես խօսեցայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ՏԻՒՐՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ

11 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 12 «Որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի թագաւորին վրայով ողբա՛ ու անոր ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն որ կատարելութեան կնիքն ես, իմաստութեամբ լեցուած ու գեղեցկութեան մէջ կատարեալ ես, 13 Դուն Աստուծոյ դրախտին՝ Եդեմի՝ մէջ էիր, քու ծածկոցդ ամենէն պատուական քարերէն էին՝ սարդիոն, տպազիոն ու ադամանդ, ոսկեքար, եղնգնաքար եւ յասպիս, շափիւղայ, կարկեհան եւ զմրուխտ ու ոսկի։ Քու թմբուկներուդ ու սրինգներուդ գործը քու ստեղծման օրդ քեզի պատրաստուեցաւ, 14 Դուն տարածուած ու ծածկող քերովբէ մըն էիր ու ես քեզ դրի։ Դուն Աստուծոյ սուրբ լերանը վրայ էիր, դուն հրեղէն քարերուն մէջտեղերը կը շրջէիր, 15 Դուն ճամբաներուդ մէջ կատարեալ էիր, քու ստեղծուած օրէդ մինչեւ այն օրը, երբ քու վրադ անօրէնութիւն գտնուեցաւ։ 16 Քու առուտուրիդ շատութեանը մէջ, բռնութեամբ լեցուեցար ու մեղք գործեցիր։ Ես ալ քեզ Աստուծոյ լեռնէն՝ իբրեւ պիղծ՝ վար նետեցի եւ քեզ, ո՛վ ծածկող քերովբէ, հրեղէն քարերուն մէջէն բնաջինջ ըրի։ 17 Քու գեղեցկութեանդ համար սիրտդ հպարտացաւ, քու վայելչութեանդ պատճառով քու իմաստութիւնդ ապականեցիր։ Ես ալ գետինը նետեցի քեզ, թագաւորներուն առջեւ դրի, ազդարարութեան համար։ 18 Քու խարդախ վաճառականութիւնովդ եւ անօրէնութիւններովդ քու սրբութիւններդ պղծեցիր։ Ես ալ քու մէջէդ կրակ հանեցի, անիկա քեզ կերաւ ու բոլոր քեզ տեսնողներուն աչքին առջեւ քեզ գետնի վրայ մոխիր ըրի։ 19 Ազգերուն մէջ ամէն քեզ ճանչցողները տժգունեցան. դուն սոսկումի պատճառ եղար ու յաւիտեան ոչնչացար’»։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՍԻԴՈՆԻՆ ԴԷՄ

20 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 21 «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Սիդոնի կողմը դարձո՛ւր, անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ 22 Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սիդոն եւ քու մէջդ պիտի փառաւորուիմ, երբ զայն պատժեմ եւ անոր մէջ սուրբ անուանուիմ։ 23 Վասն զի անոր մէջ ժանտախտ ու անոր փողոցներուն մէջ արիւն պիտի ղրկեմ եւ շուրջը եղող սուրովը անոր մէջ վիրաւորներ պիտի իյնան ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 24 Եւ Իսրայէլի տանը անգամ մըն ալ խայթող տատասկ ու ցաւցնող փուշ պիտի չըլլայ՝ իրենց բոլորտիքը եղող զիրենք նախատողներէն ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան’»։

ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՕՐՀՆՈՒԻ

25 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Երբ Իսրայէլի տունը հաւաքեմ այն ժողովուրդներէն՝ որոնց մէջ ցրուուած են, այն ատեն անոնց մէջ ազգերու աչքերուն առջեւ սուրբ պիտի սեպուիմ ու անոնք պիտի բնակին իրենց երկրին մէջ, որ ես իմ Յակոբ ծառայիս տուի։ 26 Անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու տուներ պիտի շինեն եւ այգիներ պիտի տնկեն։ Ես պիտի պատժեմ անոնց բոլորտիքը եղողները, որ զանոնք նախատեցին, իսկ իրենք ապահովութեամբ պիտի բնակին ու պիտի գիտնան թէ ես եմ իրենց Տէր Աստուածը»։

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻՆ ԴԷՄ

29 1 Տասներորդ տարուան, տասներորդ ամսուան տասներկրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին կողմը դարձուր ու անոր դէմ ու բոլոր Եգիպտոսի դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛, Խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւոր, քու գետերուդ մէջ պառկող մեծ վիշապ, որ կ’ըսես թէ ‘Իմ գետս իմս է ու զանիկա ես ինծի համար շինեցի’։ Բայց ես քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ եւ քու գետերուդ ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակցնեմ ու քեզ գետերուդ մէջէն պիտի հանեմ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակչին։ Քեզ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը անապատը պիտի նետեմ։ Դուն դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս ու պիտի չհաւաքուիս եւ չամփոփուիս։ Քեզ երկրի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն կերակուր պիտի տամ։ Եգիպտոսի բոլոր բնակիչները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, վասն զի Իսրայէլի տանը համար եղէգէ ցուպ եղան։ Երբ անոնք քեզ ձեռքով բռնեցին, դուն կոտրտեցար ու անոնց բազուկը ճեղքեցիր ու երբ քեզի կռթնեցան, փշրուեցար ու անոնց մէջքը դողացուցիր»։

Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քու վրադ սուր պիտի բերեմ եւ մարդն ու անասունը պիտի կոտորեմ։ Եգիպտոսը աւերակ ու անապատ պիտի ըլլայ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը. որովհետեւ անիկա ըսաւ. ‘Գետը իմս է ու զանիկա ես շինեցի’։ 10 Անոր համար ահա ես քեզի եւ քու գետերուդ դէմ եմ ու Եգիպտոսի երկիրը Մագդողէն մինչեւ Սուհէն ու մինչեւ Եթովպիացիներու սահմանը աւերակ ու անշէն անապատ պիտի ընեմ. 11 Անկէ մարդու ոտք պիտի չանցնի, ո՛չ ալ անասունի ոտք եւ քառասուն տարի անբնակ պիտի մնայ։ 12 Եգիպտոսը ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ընեմ եւ անոր քաղաքները աւերուած քաղաքներու մէջ քառասուն տարի ամայի պիտի մնան ու Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ»։

13 Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Քառասուն տարի ետքը Եգիպտացիները պիտի հաւաքեմ այն ազգերէն որոնց մէջ ցրուեցան 14 Ու Եգիպտացիները գերութենէ պիտի դարձնեմ եւ զանոնք Պաթուրէսի երկիրը, իրենց հայրենի երկիրը պիտի դարձնեմ ու հոն խոնարհ թագաւորութիւն մը պիտի ըլլան։ 15 Թագաւորութիւններուն խիստ խոնարհը պիտի ըլլայ ու անգամ մըն ալ ազգերու վրայ պիտի չբարձրանայ. վասն զի անոնք պիտի պզտիկցնեմ, որպէս զի ազգերուն վրայ չտիրեն։ 16 Անոնք անգամ մըն ալ Իսրայէլի տանը ապաւէն պիտի չըլլան, իրենց անօրէնութիւնը յիշելով երբ օգնութեան համար անոր դիմեն։ Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան»։

ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻՆ ՊԻՏԻ ՏԻՐԷ

17 Քսանեօթներորդ տարուան, առաջին ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 18 «Որդի՛ մարդոյ, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր զօրքը ուժով գործածեց Տիւրոսի դէմ։ Ամէն գլուխ կնտացաւ ու ամէն ուսի մորթ ելաւ. սակայն իրեն եւ իր զօրքին հատուցում մը չստացաւ Տիւրոսէն՝ այն ծառայութեան համար, որ անոր ըրաւ»։ 19 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Եգիպտոսը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պիտի տամ ու անոր հարստութիւնը պիտի առնէ, պիտի կողոպտէ ու անոր աւարը պիտի յափշտակէ եւ ասիկա անոր զօրքին վարձք մը պիտի ըլլայ։ 20 Հոն ըրած գործին համար Եգիպտոսը անոր տուի, վասն զի ինծի համար աշխատեցան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 21 «Այն օրը Իսրայէլի տանը եղջիւրը պիտի բուսցնեմ ու անոնց մէջ քու շրթունքներդ պիտի բանամ։ Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։

ՏԷՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ

30 1 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ըրէ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ողբացէ՛ք ու ըսէ՛ք՝ «Աւա՜ղ, ցաւալի օր». Վասն զի օրը մօտ է, Տէրոջը օրը մօտ է, անիկա ամպոտ օր է. ազգերուն համար աւերման ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ Եգիպտոսի վրայ սուր մը պիտի գայ ու Եթովպիայի մէջ սաստիկ խռովութիւն պիտի ըլլայ։ Երբ Եգիպտոսի մէջ վիրաւորներ իյնան եւ անոր հարստութիւնը առնեն, անոր հիմերը պիտի կործանին։ Եթովպիացիները, Փուդացիները եւ Ղուդացիները ու բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդը եւ Քուբացիները եւ ուխտի երկրին որդիները անոնց հետ մէկտեղ սուրով պիտի իյնան’»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եգիպտոսի օգնականներն ալ պիտի իյնան ու անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի խոնարհի. Մագդողէն մինչեւ Սուհէն սուրով պիտի իյնան անոր մէջ’։ «Ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ըլլան եւ անոր քաղաքները կործանուած քաղաքներու մէջ պիտի ըլլան։ Երբ Եգիպտոսի մէջ կրակ ձգեմ ու անոր բոլոր օգնականները կոտորուին, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ Այն օրը իմ առջեւէս նաւերով դեսպաններ պիտի ելլեն, որպէս զի ապահովութեան մէջ եղող Եթովպիացիները վախցնեն եւ անոնց վրայ սաստիկ խռովութիւն ըլլայ Եգիպտոսի օրուանը պէս. վասն զի ահա ան կու գայ»։

10 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Եգիպտոսի հարստութիւնն ալ Բաբելոնի ձեռքով պիտի ջնջեմ։ 11 Անիկա ու անոր հետ իր ժողովուրդը, ազգերուն բռնաւորները, երկիրը աւերելու պիտի գան։ Անոնք իրենց սուրերը Եգիպտոսի վրայ պիտի քաշեն ու երկիրը սպաննուածներով պիտի լեցնեն։ 12 Ես գետերը պիտի ցամքեցնեմ ու երկիրը չարերուն ձեռքը պիտի մատնեմ ու երկիրը եւ բոլոր անոր մէջ եղածը օտարներուն ձեռքով պիտի կորսնցնեմ. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։

13 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Կուռքերն ալ բնաջինջ պիտի ընեմ ու Մեմփիսի չաստուածները պիտի ոչնչացնեմ։ Անգամ մըն ալ Եգիպտոսի երկրէն իշխան պիտի չելլէ ու Եգիպտոսի մէջ վախ պիտի դնեմ։ 14 Պաթուրէսը աւերակ պիտի ընեմ ու Տայանիսը կրակի պիտի տամ ու Նովը պիտի պատժեմ։ 15 Եգիպտոսի ամրութիւնը եղող Սինի վրայ իմ սրտմտութիւնս պիտի թափեմ ու Նովի բազմութիւնը պիտի կոտորեմ։ 16 Եգիպտոսի մէջ կրակ պիտի ձգեմ։ Սին սաստիկ պիտի տագնապի ու Նովի պարսպին խրամը պիտի քանդեմ եւ թշնամիները ցորեկով պիտի տիրեն Մեմփիսին։ 17 Արեգ քաղաքին ու Բուբաստի կտրիճները սուրով պիտի իյնան ու անոնց բնակիչները գերութեան պիտի երթան։ 18 Նաեւ Տափնասի մէջ ցորեկը խաւար պիտի ըլլայ՝ երբ հոն Եգիպտոսի լուծերը կոտրտեմ ու հոն անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի ոչնչանայ։ Ամպը պիտի ծածկէ զանիկա եւ անոր աղջիկները գերութեան պիտի երթան։ 19 Այսպէս Եգիպտոսը պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿՈՏՐԱԾ ՈՅԺԸ

20 Տասնըմէկերորդ տարուան առաջին ամիսը, ամսուան եօթին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 21 «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին բազուկը կոտրեցի։ Ահա անիկա պիտի չփաթթուի, ո՛չ ալ անոր վրայ դեղեր ու կապեր դնելով՝ զանիկա պիտի պատեն, որ զօրանայ սուր բռնելու համար։ 22 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին դէմ եմ ու անոր բազուկները պիտի կոտրտեմ, թէ՛ զօրաւորը եւ թէ՛ տկարը եւ սուրը անոր ձեռքէն վար ձգել պիտի տամ 23 Ու Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներուն մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ։ 24 Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ եւ իմ սուրս անոր ձեռքը պիտի տամ. իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի կոտրտեմ ու անիկա անոր առջեւ մահամերձ վիրաւորուածի հծծութիւնովը պիտի հեծեծէ։ 25 Այսպէս Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ, իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի իյնան։ Երբ իմ սուրս Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը տամ եւ ան ալ զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ երկնցնէ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 26 Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

ԵԳԻՊՏՈՍ ՄԱՅՐԻ ԾԱՌԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ԲԱՂԴԱՏՈՒԻ

31 1 Տասնըմէկերորդ տարուան, երրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ու անոր ժողովուրդին ըսէ՛. ‘Դուն քու մեծութիւնովդ որո՞ւ կը նմանիս’։ Ահա Ասորեստանցին Լիբանանի մէջ եղող եղեւինի մը պէս էր, անոր ոստերը գեղեցիկ ու տերեւախիտ ճիւղերը հովանի էին ու հասակը բարձր էր եւ անոր գլուխը խիտ ճիւղերու մէջ էր։ Ջուրերը զանիկա մեծցուցին, անդունդները զանիկա բարձրացուցին, իրենց գետերը անոր տնկուած տեղին բոլորտիքը կը պտըտէին ու իրենց վտակները դաշտին բոլոր ծառերուն կը ղրկէին։ Այս պատճառով անոր հասակը դաշտին բոլոր ծառերէն բարձր եղաւ ու տարածուելով՝ ջուրերուն շատութենէն անոր ոստերը շատցան եւ ճիւղերը երկնցան։ Անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները բոյն կը շինէին ու ճիւղերուն տակ դաշտի բոլոր գազանները կը ծնանէին։ Անոր հովանիին տակ բոլոր մեծ ազգերը կը բնակէին։ Իր մեծութիւնովը ու ճիւղերուն երկայնութիւնովը գեղեցիկ էր, վասն զի անոր արմատը շատ ջուրերու քով էր։ Աստուծոյ դրախտին եղեւինները զանիկա չէին ծածկեր, մայրի ծառերը անոր ոստերուն չէին նմաներ ու սօսիները անոր շառաւիղներուն պէս չէին. Աստուծոյ դրախտին մէջ բնաւ ծառ մը գեղեցկութեամբ անոր նման չէր։ Իր ոստերուն շատութիւնովը գեղեցիկ էր ու Աստուծոյ դրախտին մէջ եղող Եդեմի բոլոր ծառերը անոր կը նախանձէին։

10 Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ հասակով բարձրացաւ ու գլուխը ամպերու հասցուց, իր սիրտը իր բարձրութիւնովը հպարտացաւ։ 11 Ես ալ զանիկա ազգերու մէջ զօրաւոր մէկուն ձեռքը տուի, որ անշուշտ անոր հատուցում պիտի ընէ։ Զանիկա վռնտեցի։ 12 Ու օտարները, ազգերուն բռնաւորները, զանիկա կտրեցին եւ զանիկա թողուցին։ Անոր ճիւղերը լեռներու վրայ ու հովիտներու մէջ ինկան։ Անոր ճիւղերը երկրի բոլոր ձորերուն մէջ կոտրտեցան ու երկրի բոլոր ժողովուրդները անոր հովանիէն հեռացան ու զանիկա թողուցին։ 13 Անոր ինկած ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները պիտի բնակին եւ անոր ճիւղերուն վրայ դաշտի գազանները պիտի կենան։ 14 Ջրասուն ծառերը բնաւ իրենց հասակին վրայ պիտի չհպարտանան եւ իրենց գլուխը խիտ ճիւղերու մէջ պիտի չվերցնեն։ Բոլոր ջուրով ոռոգուածները անոնց հպարտութեանը համար անոնց պիտի չյարին. վասն զի ամէնքը գետնին տակերը մահուան ձեռքը տրուած են՝ գուբը իջնող մարդոց որդիներուն մէջ»։ 15 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Գերեզմանը իջած օրը՝ սուգ բռնել տուի, անոր համար անդունդը ծածկեցի ու անոր գետերը արգիլեցի։ Շատ ջուրեր արգիլուեցան ու անոր համար Լիբանանը սուգ բռնեց եւ անոր համար դաշտի բոլոր ծառերը թառամեցան։ 16 Երբ զանիկա գուբը իջնողներուն հետ գերեզմանը իջեցուցի, անոր կործանումին ձայնէն ազգերը դողացուցի։ Եդեմի բոլոր ծառերը, Լիբանանի ընտիր ու գեղեցիկ ծառերը եւ ջուրով ոռոգուածները, սանդարամետ իջնողները մխիթարուեցան։ 17 Անոնք ալ անոր հետ՝ սուրով սպաննուածներուն քով գերեզմանը իջան, նաեւ անոր բազուկը եղողները, որոնք անոր հովանիին տակ՝ ազգերուն մէջ կը նստէին։

18 Դուն այսպիսի փառքով ու մեծութեամբ որո՞ւ կը նմանիս Եդեմի ծառերուն մէջ։ Դուն Եդեմի ծառերուն հետ գետնին տակ պիտի նետուիս ու սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատներուն մէջ պիտի պառկիս։ Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը այսպէս պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ԲԱՂԴԱՏՈՒԻ

32 1 Տասնըերկրորդ տարուան տասնըերկրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին վրայ ողբա՛ ու անոր ըսէ՛.

‘Դուն ազգերու մէջ առոյգ առիւծի կը նմանիս

Եւ ծովերու մէջ վիշապի պէս ես։

Դուն գետերուդ վրայ կը յարձակիս

Ու ոտքերովդ ջուրերը կը խառնես

Եւ անոնց գետերը կը պղտորես’։

 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

‘Ես շատ ազգերու ժողովուրդով

Իմ ցանցս քու վրադ պիտի տարածեմ

Եւ քեզ իմ ուռկանովս պիտի հանեմ։

 Քեզ գետինը պիտի նետեմ,

Քեզ դաշտի երեսին վրայ պիտի ձգեմ,

Քու վրադ երկնքի բոլոր թռչունները պիտի իջեցնեմ.

 Քու մարմինդ լեռներուն վրայ պիտի դնեմ,

Քու դիակներովդ ձորերը պիտի լեցնեմ։

 Երկիրը, ուր դուն կը լողաս, մինչեւ լեռները

Քու արիւնովդ պիտի ողողեմ

Ու հեղեղատները քեզմով պիտի լեցուին։

 Ու երբ քեզ ջնջեմ՝ երկինքը պիտի ծածկեմ

Ու անոր աստղերը պիտի խաւարեցնեմ.

Արեւը ամպով պիտի ծածկեմ

Ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։

 Քու վերեւդ երկնքի բոլոր լուսաւորները պիտի խաւարեցնեմ,

Քու երկրիդ վրայ մութը պիտի տիրէ’,

Կ’ըսէ Տէր Եհովան։

 «Երբ քու կործանումիդ լուրը

Ազգերուն ու քեզի անծանօթ երկիրներու հասցնեմ,

Շատ ժողովուրդներու սիրտը պիտի խռովեցնեմ։

10 Քու պատճառովդ շատ ժողովուրդներ պիտի տժգունին,

Քու պատճառովդ անոնց թագաւորները խիստ պիտի զարհուրին,

Երբ իմ սուրս անոնց երեսին առջեւ երերցնեմ։

Քու կործանումիդ օրը

Ամէն մարդ իր հոգիին համար ամէն վայրկեան պիտի սարսափի»։

11 Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

«Բաբելոնի թագաւորին սուրը քու վրադ պիտի գայ։

12 Հսկաներուն սուրերովը քու զօրութիւնդ պիտի կործանեմ։

Բոլոր ազգերու եղեռնագործները պիտի գան եւ

Եգիպտոսի հպարտութիւնը պիտի կործանեն եւ

Անոր զօրութիւնը պիտի խորտակեն։

13 Եւ անոր բոլոր անասունները

Շատ ջուրերու քովէն պիտի կորսնցնեմ։

Անգամ մըն ալ մարդու ոտքը զանոնք պիտի չպղտորէ։

Անասունի կճղակներն ալ զանոնք պիտի չպղտորեն։

14 Այն ատեն անոնց ջուրերը ականակիտ պիտի ընեմ

Եւ անոնց գետերը իւղի պէս պիտի քալեցնեմ»։

15 Տէր Եհովան կ’ըսէ.

«Երբ Եգիպտոսի երկիրը աւերակ դարձնեմ,

Երկիրը բոլորովին ամայանայ,

Երբ անոր բոլոր բնակիչները զարնեմ, այն ատեն

Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

16 «Այս ողբն է զոր պիտի ըսեն։

Ազգերուն աղջիկները պիտի ըսեն,

Եգիպտոսի վրայ ու անոր բոլոր ժողովուրդին վրայ պիտի ըսեն»։

ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ

17 Տասնըերկրորդ տարուան, առաջին ամսուան տասնըհինգին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

18 «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի ժողովուրդին վրայ ողբա՛,

Զանիկա ու երեւելի ազգերուն աղջիկները

Գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը իջեցո՛ւր։

19 ‘Դուն որմէ՞ գեղեցիկ ես.

Իջի՛ր ու անթլփատներուն հետ պառկէ՛’։

20 Անոնք սուրով սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան։

Անիկա սուրի տրուեցաւ։

Զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը քաշկռտեցէ՛ք։

21 Գերեզմանին մէջ զօրաւոր կտրիճները

Անոր օգնութիւն ընողներուն հետ անոր պիտի խօսին։

Անոնց սուրով սպաննուած անթլփատները հոն իջած կը պառկին։

22 Ասուր ու իր բոլոր ժողովուրդը հոն են։

Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են,

Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են։

23 Անոնց գերեզմանները գուբին խորունկ տեղերը տեղաւորուած են։

Անոր ժողովուրդը գերեզմանին բոլորտիքն են։

Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են.

Անոնք, որ կենդանիներու երկրին մէջ վախ կ’ազդէին,

24 Եղամ ու իր բոլոր ժողովուրդը

Հո՛ն, անոր գերեզմանին բոլորտիքն են։

Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են

Ու անթլփատ իջան երկրին խորերը։

Անոնք որ կենդանիներու երկիրը կը վախցնէին,

Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։

25 Սպաննուածներուն մէջ անկողին պատրաստեցին անոր ու իր ժողովուրդին,

Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են.

Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են,

Թէպէտեւ անոնք կենդանիներու երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին,

Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։

Անոնք սպաննուածներուն մէջ գրուած են։

26 Մոսոքն ու Թոբէլը եւ անոնց բոլոր ժողովուրդը հոն են։

Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են։

Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են,

Թէպէտեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին։

27 Անոնք անթլփատներէն ինկող հսկաներուն հետ պիտի չպառկին,

Որոնք իրենց պատերազմական զէնքերովը գերեզման իջան

Եւ իրենց սուրերը իրենց գլուխներուն տակ դրին.

Սակայն անոնց անօրէնութիւնները իրենց ոսկորներուն վրայ պիտի ըլլան,

Թէեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ հսկաներուն սարսափն էին։

28 Դուն անթլփատներուն մէջ պիտի կոտորուիս

Ու սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկիս։

29 Եդովմ, իր թագաւորներն ու բոլոր իշխանները հոն են,

Որոնք իրենց զօրութիւնովը սուրով սպաննուածներուն հետ դրուած են։

Անոնք անթլփատներուն հետ

Ու գուբը իջնողներուն հետ կը պառկին։

30 Հիւսիսի բոլոր իշխանները եւ բոլոր Սիդոնացիները հոն են,

Որոնք սպաննուածներուն հետ իջան։

Անոնք իրենց բռնութեամբ կատարած աւերներէն կ’ամչնան,

Անոնք սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատ կը պառկին

Ու գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։

31 Փարաւոն զանոնք պիտի տեսնէ եւ մխիթարուի

Անոնց բոլոր զօրութեան եւ իր բոլոր վիրաւորներուն վրայ,

Որոնք սուրով սպաննուեցան»,

Կ’ըսէ Տէր Եհովան։

32 «Քանզի կենդանիներուն երկրին մէջ իմ վախս դրի։

Անոնք անթլփատներուն մէջ սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկին,

Այսինքն Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը»,

Կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԶԵԿԻԷԼԸ ՊԱՀԱՊԱՆ ԿԸ ԿԱՐԳԷ

(Եզեկ. 3։16-21)

33 1 Դարձեա՛լ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛. ‘Եթէ երկրի մը վրայ սուր բերեմ ու այն երկրին ժողովուրդը իրենց մէջէն մարդ մը ընտրեն ու զանիկա իրենց համար դէտ դնեն Ու անիկա այն երկրին վրայ սուրին գալը տեսնէ եւ փողը հնչեցնէ ու ժողովուրդը զգուշացնէ Եւ եթէ փողին ձայնը լսողը չզգուշանայ եւ սուրը գայ՝ զանիկա վերցնէ, անոր արիւնը իր գլուխը պիտի ըլլայ։ Անիկա փողին ձայնը լսեց ու չզգուշացաւ, անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ. բայց զգուշացողը իր հոգին պիտի ազատէ։ Իսկ եթէ դէտը սուրին գալը տեսնէ եւ փողը չհնչեցնէ ու ժողովուրդը չզգուշանայ եւ սուրը գայ ու անոնցմէ մէկը վերցնէ, իր անօրէնութեանը համար վերցուեցաւ. բայց անոր արիւնը դէտին ձեռքէն պիտի պահանջեմ’։

«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի, որ իմ խօսքս լսես եւ իմ կողմէս զանոնք զգուշացնես։ Երբ ամբարշտին ըսեմ՝ «Ո՛վ ամբարիշտ, անշուշտ պիտի մեռնիս», բայց դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն չզգուշացնես, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն զգուշացնես, որպէս զի անկէ դառնայ ու անիկա իր ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս»։

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

10 Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը ըսէ. ‘Դուք այսպէս կը խօսիք ու կ’ըսէք. «Մեր յանցանքներն ու մեղքերը մեր վրայ են ու մենք անոնց մէջ կը մաշինք, ուրեմն ի՞նչպէս պիտի ապրինք»’։ 11 Անոնց ըսէ՛. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք ձեր չար ճամբաներէն։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’»։

12 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիներուն ըսէ՛. ‘Արդարին արդարութիւնը՝ անոր յանցանք ըրած օրը զանիկա պիտի չազատէ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը՝ իր ամբարշտութենէն դարձած օրը իրեն գլորման պատճառ պիտի չըլլայ. ո՛չ ալ արդարը մեղք գործած օրը իր արդարութիւնովը պիտի կրնայ ապրիլ’։ 13 Երբ ես արդարին ըսեմ թէ անշուշտ պիտի ապրի ու անիկա իր արդարութեանը ապաւինելով անօրէնութիւն ընէ, անոր բոլոր արդարութիւնը պիտի չյիշուի, հապա անիկա իր ըրած անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի։ 14 Ու երբ ամբարշտին ըսեմ թէ ‘Դուն անշուշտ պիտի մեռնիս’ ու անիկա իր մեղքէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, 15 Այն ամբարիշտը գրաւը ետ տայ ու յափշտակածը հատուցանէ եւ անօրէնութիւն չընելով՝ կեանքի կանոններուն համեմատ քալէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։ 16 Անոր գործած բոլոր մեղքերը պիտի չյիշուին։ Անիկա իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, անշուշտ պիտի ապրի»։

17 Քու ժողովուրդիդ որդիները կ’ըսեն թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’. սակայն իրենց ճամբան է որ ուղիղ չէ։ 18 Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ, անիկա անոր մէջ պիտի մեռնի։ 19 Երբ ամբարիշտը իր ամբարշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անոնցմով պիտի ապրի։ 20 Բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Ես ձեր ամէն մէկուն դատաստանը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի տեսնեմ, ո՛վ Իսրայէլի տուն»։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԻՆ ԼՈՒՐԸ

21 Մեր գերութեանը տասնըերկրորդ տարուան, տասներորդ ամսուան հինգերորդ օրը, Երուսաղէմէն ազատուած մը ինծի եկաւ ու ըսաւ. ‘Քաղաքը զարնուեցաւ’։ 22 Դեռ այն ազատուածը չեկած՝ իրիկունը՝ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու իմ բերանս բացաւ, ապա առաւօտուն անիկա ինծի եկաւ ու երբ բերանս բացուեցաւ՝ ա՛լ համր չէի։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵՂՔԵՐԸ

23 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 24 «Որդի՛ մարդոյ, այս Իսրայէլի երկրին աւերակներուն բնակիչները կը խօսին ու կ’ըսեն. ‘Աբրահամ մէ՛կ մարդ էր ու երկիրը ժառանգեց։ Մենք որ շատուոր ենք, անշուշտ երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուեցաւ’։ 25 Անոր համար ըսէ անոնց, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք միսը արիւնով կ’ուտէք ու աչքերնիդ ձեր կուռքերուն կը վերցնէք։ Արիւն կը թափէք ու այդ երկի՞րը պիտի ժառանգէք։ 26 Դուք ձեր սուրերուն կ’ապաւինիք, պղծութիւն կ’ընէք, ամէն մէկդ իր ընկերին կինը կը պղծէ։ Այս երկիրը պիտի ժառանգէ՞ք’։ 27 Անոնց այսպէս ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կենդանի եմ, որ աւերակներուն մէջ եղողները սուրով պիտի իյնան ու դաշտին երեսը եղողները գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան եւ բերդերուն ու քարայրներուն մէջ եղողները ժանտախտով պիտի մեռնին։ 28 Երկիրը բոլորովին պիտի ամայացնեմ եւ անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի կորսուի։ Իսրայէլի լեռներն ալ պիտի ամայացնեմ եւ անոնց վրայէն անցնող պիտի չըլլայ։ 29 Երբ երկիրը բոլորովին ամայացնեմ իրենց ըրած բոլոր գարշութիւններուն համար, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։

ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

30 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիները պատերուն քով ու տուներուն դռներուն քով քու վրադ կը խօսակցին, ամէն մարդ իր եղբօրը կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Հիմա եկէ՛ք ու լսեցէ՛ք թէ ի՞նչ է Տէրոջը ըսած խօսքը’։ 31 Անոնք ժողովուրդին գալուն պէս քեզի կու գան ու քու առջեւդ իմ ժողովուրդիս պէս կը նստին եւ քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն կատարեր. վասն զի անոնք իրենց բերնովը կը ձեւացնեն թէ համաձայն են, բայց սրտերնին իրենց ագահութեանը ետեւէն կ’երթան։ 32 Ահա դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագածուի մը ախորժելի երգին պէս ես, որոնք քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր։ 33 Սակայն երբ ասիկա ըլլայ (եւ պիտի ըլլայ), այն ատեն պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կար»։

ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ

34 1 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի հովիւներուն դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛, մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ հովիւներուն. ‘Վա՜յ Իսրայէլի հովիւներուն, որոնք ինքզինքնին կ’արածեն։ Հովիւները հօտը արածելու չե՞ն։ Դուք ճարպը կ’ուտէք ու բուրդը կը հագնիք եւ գէրը կը մորթէք, բայց հօտը չէք արածեր։ Տկարները չուժովցուցիք ու հիւանդները չբժշկեցիք եւ կոտրածը չփաթթեցիք ու մոլորածը չդարձուցիք եւ կորսուածը չփնտռեցիք. հապա բռնութիւնով ու խստութիւնով անոնց վրայ տիրեցիք։ Անոնք հովիւ չունենալնուն համար ցրուեցան ու ցրուելով՝ դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան։ Իմ ոչխարներս լեռներու վրայ ու բարձր բլուրներու վրայ մոլորեցան եւ իմ ոչխարներս բոլոր երկրի երեսին վրայ ցրուեցան ու հարցնող ու փնտռող չեղաւ’։

«Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որովհետեւ հովիւ չըլլալուն համար իմ հօտս յափշտակուեցաւ ու իմ ոչխարներս դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան եւ իմ հովիւներս իմ ոչխարներս չփնտռեցին ու հովիւները ինքզինքնին արածեցին ու իմ հօտս չարածեցին’, Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք, 10 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես հովիւներուն դէմ եմ ու իմ ոչխարներս անոնցմէ պիտի պահանջեմ եւ զանոնք ոչխար արածելէն պիտի դադրեցնեմ ու հովիւները անգամ մըն ալ պիտի չարածեն։ Իմ ոչխարներս անոնց բերնէն պիտի հանեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ անոնց կերակուր չըլլան’։

ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ

11 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես՝ ինքս՝ իմ ոչխարներս պիտի պահանջեմ ու փնտռեմ։ 12 Ինչպէս հովիւը, երբ իր ցրուած ոչխարներուն ետեւէն կ’ըլլայ ու իր հօտը կը փնտռէ, այնպէս ալ ես իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու պիտի ազատեմ զանոնք այն տեղերէն, ուր ամպի ու մառախուղի ատեն ցրուեցան։ 13 Զանոնք ժողովուրդներէն պիտի հանեմ, զանոնք երկիրներէն պիտի հաւաքեմ ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։ Զանոնք Իսրայէլի լեռներուն վրայ, ձորերուն մէջ ու երկրին ամէն բնակելի տեղերը պիտի արածեմ. 14 Զանոնք աղէկ արօտի մէջ պիտի արածեմ ու անոնց փարախը Իսրայէլի բարձր լեռներուն վրայ պիտի ըլլայ։ Հոն աղէկ փարախի մէջ պիտի պառկին ու Իսրայէլի լեռներուն վրայ պարարտ արօտի մէջ պիտի արածին։ 15 Ես պիտի արածեմ իմ ոչխարներս ու զանոնք ես պիտի պառկեցնեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 16 Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ եւ կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ, բայց պարարտն ու զօրաւորը պիտի պահեմ. զանոնք իրաւունքով պիտի արածեմ’։

17 «Ձեզի, ո՛վ իմ ոչխարներս, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ոչխարին ու ոչխարին, խոյերուն ու նոխազներուն մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։ 18 Միթէ աղէկ արօտի մէջ արածուիլը քի՞չ բան է ձեզի, որ ձեր արօտներուն մնացորդը ձեր ոտքերով կը կոխկռտէք ու մաքուր ջուրերն ալ խմե՞լը, որ մնացածները ձեր ոտքերով կը պղտորէք։ 19 Իմ ոչխարներս ձեր ոտքերուն կոխկռտածը կ’ուտեն ու ձեր ոտքերով պղտորածը կը խմեն’։

20 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ինքս դատաստան պիտի ընեմ պարարտ ոչխարին ու նիհար ոչխարին մէջտեղ։ 21 Քանի որ դուք ձեր կողքով եւ ուսով հրեցիք ու ձեր եղջիւրներով բոլոր տկարներուն զարկիք, մինչեւ որ դուրսը ցրուեցիք զանոնք, 22 Ես ալ իմ ոչխարներս պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ պիտի չյափշտակուին։ Ոչխարին ու ոչխարին մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։ 23 Անոնց վրայ հովիւ մը, այսինքն իմ ծառաս Դաւիթը պիտի կեցնեմ, որպէս զի զանոնք հովուէ։ Անիկա պիտի հովուէ զանոնք։ Անիկա պիտի ըլլայ անոնց հովիւը։ 24 Ես՝ Տէրս՝ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ իմ ծառաս Դաւիթ անոնց վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։ 25 Եւ անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ մը պիտի ընեմ ու այն երկրէն չար գազանները բնաջինջ պիտի ընեմ, որ անապատին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու անտառներուն մէջ քնանան։ 26 Զանոնք ու իմ լերանս շրջակայ տեղերը օրհնութիւնով պիտի լեցնեմ ու անձրեւները իրենց ժամանակին պիտի իջեցնեմ, որոնք օրհնութեան անձրեւներ պիտի ըլլան։ 27 Դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց երկրին վրայ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու երբ անոնց լուծին կապերը կոտրեմ ու զանոնք գերի տանող ձեռքէն ազատեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 28 Անոնք անգամ մըն ալ ազգերէն պիտի չյափշտակուին ու երկրի գազանները զանոնք պիտի չուտեն. այլ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու վախցնող մը պիտի չըլլայ։ 29 Անոնց անուանի տունկ մը պիտի բուսցնեմ ու անգամ մըն ալ երկրին վրայ սովով պիտի չսպառին ու ազգերէն նախատինք պիտի չկրեն 30 Եւ պիտի գիտնան թէ ես՝ իրենց Տէր Աստուածը՝ իրենց հետ եմ ու իրենք՝ Իսրայէլի տունը՝ իմ ժողովուրդս են’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։

31 «Դուք, իմ ոչխարներս, իմ արօտիս ոչխարները, մարդիկ էք ու ես ձեր Աստուածն եմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԻԺԸ ԵԴՈՎՄԻՆ

35 1 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Սէիր լերանը վրայ դարձուր ու անոր դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛ Եւ անոր ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սէիր լեռ ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ ու քեզ բոլորովին պիտի ամայացնեմ։ Քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ եւ դուն ամայի պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը’։

«Որովհետեւ դուն հին օրերէն ատելութիւն ունեցար ու Իսրայէլի որդիները, իրենց պատուհասուած ժամանակը, անօրէնութեան ժամանակը լրանալուն, սուրին ձեռքը մատնեցիր, Անոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քեզ արեան մէջ պիտի դնեմ եւ արիւնը քեզ պիտի հալածէ. քանի որ արիւնը չատեցիր, այն արիւնը քեզ պիտի հալածէ։ Սէիր լեռը բոլորովին ամայի պիտի ընեմ եւ անկէ անցնողն ու դարձողը պիտի սպաննեմ։ Ու անոր լեռները իր սպաննուածներովը պիտի լեցնեմ։ Քու բլուրներուդ վրայ, քու հովիտներուդ մէջ ու բոլոր ձորերուդ մէջ սուրով սպաննուածներ պիտի իյնան։ Քեզ յաւիտենապէս պիտի ամայացնեմ եւ քու քաղաքներուդ մէջ անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։

10 «Որովհետեւ դուն ըսիր թէ ‘Այս երկու ազգը ու այս երկու երկիրը իմս պիտի ըլլան ու անոնց պիտի տիրենք’ (թէեւ Տէրը հոն էր). 11 Անոր համար, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քու թշնամութիւնովդ անոնց դէմ գործադրուած բարկութեանդ ու նախանձիդ չափովը հատուցում պիտի ընեմ եւ քու դատաստանդ տեսած ատենս անոնք պիտի ճանչնան զիս։ 12 Ու պիտի գիտնաս թէ ես՝ Տէրս՝ լսեցի քու բոլոր հայհոյութիւններդ, որոնք Իսրայէլի լեռներուն դէմ գործածեցիր՝ ըսելով. ‘Անոնք աւերակ եղան, անոնք մեզի կերակուր տրուեցան’ 13 Եւ ձեր բերնովը ինծի դէմ հպարտացաք ու խօսքերնիդ ինծի դէմ շատցուցիք։ Ես զանոնք լսեցի»։

14 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին ուրախութեան ատենը քեզ պիտի ամայացնեմ։ 15 Եւ ինչպէս դուն Իսրայէլի տանը ժառանգութեանը վրայ ուրախացար, երբ ամայացաւ, քեզի ալ այնպէս պիտի ընեմ։ Դո՛ւք, ո՛վ Սէիր լեռ ու Եդովմ, բոլորովին պիտի ամայանաք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ

36 1 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի լեռներուն մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. Որովհետեւ թշնամին ձեզի համար ըսաւ՝ «Վա՜շ, յաւիտենական բլուրներն ալ մեզի ժառանգութիւն եղան»’, Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեզ աւերեցին ու ամէն կողմէ ճնշուեցաք, այնպէս որ մնացած ազգերուն սեփականութիւն եղաք ու դուք լեզուանի մարդոց խօսքի առարկան ու ժողովուրդին նախատինքը եղաք. Անոր համար, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէ՛ք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն եւ ամայի եղած աւերակներուն ու պարապ թողուած քաղաքներուն, որոնք շրջակայ ազգերուն մնացորդին յափշտակութիւն ու նախատինք եղած են։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Մնացած ազգերուն համար ու Եդովմին համար անշուշտ իմ նախանձիս կրակովը խօսեր եմ, վասն զի անոնք սրտի ուրախութեամբ ու հոգիի հպարտութեամբ իմ երկիրս իրենց սեփականացուցին եւ զանիկա աւարի պէս յափշտակեցին’։

Անոր համար Իսրայէլի երկրին վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ եւ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ազգերէն նախատինք կրեցիք, ահա ես ալ իմ նախանձովս ու իմ բարկութիւնովս խօսեցայ’։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես իմ ձեռքս վերցուցի, որ ձեր բոլորտիքը եղող ազգերը իրենց անարգանքը կրեն։ Բայց դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, ձեր ճիւղերը պիտի երկնցնէք ու իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի համար ձեր պտուղները պիտի բերէք, վասն զի անոնք մօտերս պիտի գան։ Քանզի ահա ես ձեր կողմէն եմ ու ձեզի պիտի դառնամ եւ դուք պիտի մշակուիք ու պիտի սերմանուիք 10 Ու ձեր վրայ մարդիկ՝ Իսրայէլի տունը՝ պիտի շատցնեմ ու քաղաքներու մէջ պիտի բնակին եւ աւերակները պիտի շէնցնեն։ 11 Ձեր վրայ մարդն ու անասունը պիտի շատցնեմ։ Անոնք պիտի շատնան ու պտղաբեր պիտի ըլլան եւ ձեր առաջուան կացութեանը պէս ձեր մէջ պիտի բնակին ու ձեր առաջուան վիճակէն աւելի աղէկ պիտի ընեմ ձեզ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 12 Եւ ձեր վրայ մարդիկ՝ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը՝ պիտի պտըտցնեմ։ Անոնք քեզ պիտի ժառանգեն եւ դուն անոնց ժառանգութիւն պիտի ըլլաս ու անգամ մըն ալ զանոնք պիտի չսպառես’։

13 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ քեզի համար կ’ըսեն թէ ‘Դուն մարդակեր երկիր մըն ես, քու ազգերդ սպառեցիր’, 14 Անոր համար անգամ մըն ալ մարդ պիտի չուտես ու անգամ մըն ալ քու ազգերդ պիտի չսպառես, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 15 Անգամ մըն ալ ազգերու նախատինք պիտի չլսուի եւ անգամ մըն ալ ժողովուրդներու անարգանքը պիտի չկրես եւ քու ազգերդ պիտի չսպառես’։

ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԸ

16 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, 17 Երբ Իսրայելացիները իրենց երկրին մէջ բնակեցան, զանիկա իրենց ճամբայովը եւ գործերովը պղծեցին։ Անոնց ճամբան իմ առջեւս անմաքուր կնոջ մը պղծութեան պէս եղաւ, 18 Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի այն արիւնին համար՝ որ իրենք թափեցին երկրի վրայ ու զանիկա իրենց կուռքերովը պղծեցին։ 19 Զանոնք ազգերուն մէջ ցրուեցի ու երկիրներու մէջ ցիրուցան եղան։ Զանոնք իրենց ճամբուն ու գործերուն համեմատ դատեցի 20 Եւ իրենց գացած ազգերուն մէջ երթալնուն պէս՝ իմ սուրբ անունս պղծեցին, երբ իրենց համար ըսուեցաւ թէ ‘Ասոնք Եհովային ժողովուրդն են, բայց անոր երկրէն ելան’։ 21 Սակայն ես խնայեցի իմ սուրբ անուանս համար, որը պղծեցին այն ազգերուն մէջ, ուր մտան»։

22 «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛չ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, ո՛վ Իսրայէլի տուն, հապա իմ սուրբ անուանս համար, որը դուք ձեր մտած ազգերուն մէջ պղծեցիք։ 23 Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ պղծուեցաւ, որ դուք անոնց մէջ պղծեցիք ու ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ անոնց աչքերուն առջեւ ձեր մէջ սրբուիմ։ 24 Ձեզ ազգերէն պիտի առնեմ ու բոլոր երկիրներէն ձեզ պիտի հաւաքեմ ու ձեզ ձեր երկիրը պիտի բերեմ։ 25 Ձեր վրայ մաքուր ջուր պիտի սրսկեմ ու պիտի մաքրուիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ու ձեր բոլոր կուռքերէն ձեզ պիտի մաքրեմ։ 26 Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ եւ ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։ 27 Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու դուք իմ օրէնքներուս մէջ պիտի քալէք ու իմ իրաւունքներս պիտի պահէք ու գործադրէք։ 28 Եւ պիտի բնակիք այն երկիրներուն մէջ, որ ձեր հայրերուն տուի ու դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք, ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ։ 29 Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ձեզ պիտի ազատեմ ու ցորենը պիտի կանչեմ եւ զանիկա պիտի շատցնեմ ու ձեր վրայ սով պիտի չբերեմ։ 30 Ծառերուն պտուղն ու արտերուն բերքը պիտի շատցնեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ազգերու մէջ սովի նախատինք չկրէք։ 31 Ձեր գէշ ճամբաները եւ չար գործերը պիտի յիշէք ու ձեր անօրէնութիւններուն համար եւ ձեր պղծութիւններուն համար դուք ձեր անձերէն պիտի զզուիք։ 32 Չէ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ձեզի յայտնի ըլլայ եւ ձեր ճամբաներէն ամչցէք ու շփոթեցէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’։

33 «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը, երբ ձեր բոլոր անօրէնութիւններէն ձեզ մաքրեմ, քաղաքներուն մէջ մարդ պիտի բնակի ու աւերակները պիտի շինուին։ 34 Ամայի երկիրը, ամէն անցնողի աչքերուն առջեւ ամայի մնալու տեղ, պիտի մշակուի’։ 35 Ու պիտի ըսեն՝ ‘Այս ամայացած երկիրը Եդեմի դրախտին պէս եղաւ եւ աւերակ, ամայի ու փլած քաղաքները պարսպապատ ու մարդաբնակ եղան’։ 36 Ու ձեր բոլորտիքը մնացած ազգերը պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ փլածները կը շինեմ ու ամայացած երկիրը կը շէնցնեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ’»։

37 «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տանը խնդրանքը պիտի ընդունիմ, անոնց մարդիկը հօտի պէս պիտի շատցնեմ։ 38 Սուրբ հօտին պէս, Երուսաղէմի հանդիսաւոր տօներուն հօտին պէս, աւերուած քաղաքները մարդոց հօտերով այնպէս պիտի լեցուին, որ գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։

ՉՈՐՑԱԾ ՈՍԿՈՐՆԵՐՈՒՆ ՁՈՐԸ

37 1 Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ եւ Տէրը զիս Հոգիով հանեց ու դաշտին մէջ դրաւ։ Անիկա ոսկորներով լեցուն էր։ Զիս անոնց շուրջը պտըտցուց։ Անոնք դաշտին երեսին վրայ խիստ շատ էին եւ խիստ չորցած։

Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս ոսկորները կրնա՞ն կենդանանալ»։ Ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն գիտես»։ Ինծի ըսաւ. «Այս ոսկորներուն վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛. ‘Ո՛վ չորցած ոսկորներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք։ Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան այս ոսկորներուն. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք Եւ ձեր վրայ ջիղեր պիտի դնեմ ու ձեզ միսով պիտի պատեմ ու ձեզ մորթով պիտի ծածկեմ եւ ձեր մէջ շունչ պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»’»։

Ես մարգարէութիւն ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ ու հազիւ թէ մարգարէացայ՝ ձայն մը լսուեցաւ, շարժում մը եղաւ ու ոսկորները իրարու մօտեցան՝ ոսկորը իր ոսկորին։ Տեսայ թէ անոնք ջիղերով ու միսով պատուեցան ու մորթով ծածկուեցան, բայց անոնց մէջ շունչ չկար։ Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Շունչին մարգարէութիւն ըրէ՛։ Մարգարէութիւն ըրէ՛, որդի՛ մարդոյ ու շունչին ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛վ շունչ, չորս հովերէն եկուր ու այս սպաննուածներուն վրայ փչէ՛, որպէս զի կենդանանան’»։ 10 Ես մարգարէութիւն ըրի՝ ինչպէս Տէրը ինծի հրամայեց ու շունչը անոնց մէջ մտաւ ու կենդանացան եւ իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան ու խիստ մեծ բանակ մը եղաւ։

11 Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ այս ոսկորները բոլոր Իսրայէլի տունն են։ Ահա անոնք կ’ըսեն. ‘Մեր ոսկորները չորցան ու մեր յոյսը կտրեցաւ. մենք կորսուած ենք’։ 12 Ուստի մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր գերեզմանները պիտի բանամ ու ձեզ ձեր գերեզմաններէն հանեմ, ո՛վ իմ ժողովուրդս եւ ձեզ Իսրայէլի երկիրը պիտի բերեմ։ 13 Երբ ձեր գերեզմանները բանամ ու ձեզ ձեր գերեզմաններէն հանեմ, ո՛վ իմ ժողովուրդս, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 14 Եւ իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք ու ձեր երկրին մէջ ձեզ պիտի հանգստացնեմ ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու ըրի’»։

ՅՈՒԴԱ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ ՄԷԿ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

15 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 16 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի փայտ մը առ ու անոր վրայ գրէ՛. ‘Յուդային համար ու անոր ընկերներուն, Իսրայէլի որդիներուն համար’։ Ետքը ուրիշ փայտ մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛. ‘Յովսէփին համար, Եփրեմին ու անոր ընկերներուն բոլոր Իսրայէլի տանը փայտը’։ 17 Զանոնք իրարու մօտեցուր, որպէս զի մէկ փայտ ըլլան ու քու ձեռքիդ մէջ միանան։ 18 Երբ քու ժողովուրդիդ որդիները քեզի խօսին ու ըսեն՝ ‘Ի՞նչ պիտի ըլլան քեզի այս բաները. մեզի չե՞ս պատմեր’, 19 Անոնց ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես պիտի առնեմ Յովսէփին փայտը, որ Եփրեմին ձեռքն է ու անոր ընկերները, Իսրայէլին ցեղերը եւ բոլորը մէկտեղ Յուդային փայտին հետ պիտի միացնեմ ու մէկ փայտ պիտի ընեմ ու իմ ձեռքիս մէջ մէկ պիտի ըլլան’։ 20 Այն փայտերը, որոնց վրայ դուն պիտի գրես, անոնց աչքերուն առջեւ քու ձեռքիդ մէջ պահէ։ 21 Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Իսրայէլի որդիները պիտի առնեմ այն ազգերուն մէջէն, ուր գացին։ Զանոնք ամէն կողմէ պիտի հաւաքեմ ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։ 22 Զանոնք երկրին մէջ Իսրայէլի լեռներուն վրայ մէկ ազգ պիտի ընեմ ու անոնց ամենուն վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ ու անգամ մըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան ու երկու թագաւորութեան պիտի չբաժնուին։ 23 Անգամ մըն ալ իրենց կուռքերովն ու գարշութիւններովը եւ իրենց բոլոր յանցանքներովը պիտի չպղծուին։ Ես զանոնք պիտի ազատեմ իրենց բոլոր անօրէնութիւններէն, որոնց մէջ իրենք մեղք գործեցին։ Զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ 24 Անոնց վրայ իմ ծառաս Դաւիթը թագաւոր պիտի ըլլայ ու ամէնքը մէկ հովիւ պիտի ունենան։ Իմ հրամաններուս համաձայն պիտի քալեն, իմ օրէնքներս պիտի պահեն ու զանոնք պիտի կատարեն։ 25 Պիտի բնակին այն երկրին մէջ որը իմ Յակոբ ծառայիս տուի, որուն մէջ ձեր հայրերը բնակեցան ու հոն իրենք ու իրենց որդիները եւ իրենց որդիներուն որդիները յաւիտեան պիտի բնակին ու իմ ծառաս Դաւիթը յաւիտեան անոնց իշխան պիտի ըլլայ։ 26 Անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ պիտի ընեմ, որը անոնց յաւիտենական ուխտ պիտի ըլլայ։ Զանոնք պիտի տեղաւորեմ ու շատցնեմ եւ իմ սրբարանս անոնց մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան։ 27 Իմ խորանս անոնց քով պիտի ըլլայ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ 28 Իմ սրբարանս յաւիտեան անոնց մէջ ըլլալով ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, որ Իսրայէլը սրբեցի»։

ԳՈԳԸ ՈՐՊԷՍ ԳՈՐԾԻՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

38 1 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի Մագոգի երկիրը եղող Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխանին՝ Գոգին դարձուր եւ անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ՝ Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան։ Քեզ պիտի շրջապատեմ եւ քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ ու քեզ եւ քու բոլոր բանակդ պիտի հանեմ, ձիերն ու ձիաւորները, ամէնքն ալ կատարելապէս հագուած եւ վահանաւորներուն ու ասպարաւորներուն մեծ խումբը՝ բոլորն ալ սուր բռնող. Անոնց հետ Պարսիկները, Եթովպիացիներն ու Փուդացիները, ամէնքն ալ ասպարաւոր ու սաղաւարտաւոր, Նաեւ Գոմեր ու անոր բոլոր գունդերը, Թորգոմի տունը հիւսիսի ծայրերէն ու անոր բոլոր գունդերը, շատ ժողովուրդներ, քեզի հետ պիտի հանեմ’։

‘Պատրա՛ստ եղիր եւ քեզ ու քու քովդ հաւաքուած բոլոր ժողովուրդը պատրաստէ ու դուն անոնց պահապան եղիր։ Շատ օրերէն ետքը քու զօրքերդ պիտի համրես ու տարիներ յետոյ պիտի գաս այն երկրին վրայ որ սուրէն ազատուած է եւ այն ժողովուրդին վրայ, որ շատ ազգերէ հաւաքուած է Իսրայէլի լեռներուն վրայ, որոնք մշտնջենապէս աւերակ էին. բայց անոնք ազգերէն հաւաքուելով՝ ապահովութեամբ պիտի բնակին։ Իսկ դուն մրրիկի պէս պիտի ելլես գաս ու երկիրը ծածկելու համար ամպի պէս պիտի ըլլաք, դուն եւ քու բոլոր գունդերդ ու շատ ժողովուրդներ քեզի հետ’»։

10 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը քու միտքդ բաներ պիտի գան ու չար խորհուրդ մը պիտի մտածես 11 Ու պիտի ըսես. «Անպարիսպ գիւղերուն երկիրը ելլեմ, հանգստութեան մէջ եղողներուն, ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ երթամ. անոնք անպարիսպ տեղեր կը բնակին եւ նիգեր ու դռներ չունին», 12 Որպէս զի իբր աւար յափշտակես եւ կողոպտես եւ քու ձեռքդ՝ բնակուած եւ աւերուած տեղերու վրայ ու ազգերէն հաւաքուած եւ խաշինք ու ապրանք ստացած ու երկրին բարձր տեղերը բնակող ժողովուրդին վրայ դարձնես։ 13 Սաբան ու Դեդան եւ Թարսիսի վաճառականները ու անոր բոլոր առոյգ առիւծները քեզի պիտի ըսեն. ‘Միթէ աւար յափշտակելո՞ւ եկար. կողոպտելո՞ւ համար քու ժողովուրդդ հաւաքեցիր, որպէս զի արծաթ ու ոսկի վերցնես, խաշինք ու ապրանք առնես, մեծ աւար յափշտակես’։

14 «Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ՛, որդի՛ մարդոյ ու Գոգին ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը ապահովութեամբ բնակի՝ դուն պիտի իմանաս 15 Քու տեղէդ՝ հիւսիսի ծայրերէն՝ պիտի գաս, դուն ու քեզի հետ շատ ժողովուրդներ՝ ամէնքը ձիեր հեծած, մեծ բազմութեամբ ու շատ զօրքով 16 Եւ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին վրայ ամպի պէս երկիրը պիտի ծածկես։ Ասիկա վերջին օրերը պիտի ըլլայ ու քեզ իմ երկրիս վրայ պիտի բերեմ, որպէս զի ազգերը զիս ճանչնան, երբ ես անոնց աչքերուն առջեւ քեզմով փառաւորուիմ, ո՛վ Գոգ’»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԻԺԸ ԳՈԳԻՆ

17 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Դուն անիկա՞ ես, որ քեզի համար ժամանակին՝ այն օրերը ու տարիները մարգարէութիւն ընող Իսրայէլի մարգարէներուն՝ իմ ծառաներուս՝ միջոցով ըսի թէ ‘Քեզ անոնց վրայ պիտի բերեմ’։ 18 ‘Այն օրը, Գոգին Իսրայէլի երկրին վրայ եկած օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, իմ սրտմտութիւնս երեսս պիտի ելլէ։ 19 Իմ նախանձովս, իմ բարկութեանս կրակովը խօսեցայ, որ այն ատեն անշուշտ Իսրայէլի երկրին վրայ մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ. 20 Ծովուն ձուկերն ու երկնքի թռչունները եւ դաշտի գազաններն ու գետնի վրայ սողացող բոլոր սողունները ու երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր մարդիկը իմ երեսէս պիտի խռովին եւ լեռները պիտի փլչին ու ժայռերը գահավէժ պիտի իյնան ու բոլոր պարիսպները գետինը պիտի իյնան։ 21 Անոր դէմ՝ իմ բոլոր լեռներուս վրայ սուրը պիտի կանչեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Մարդուն սուրը իր եղբօրը վրայ պիտի ըլլայ։ 22 Զայն ժանտախտով ու արիւնով պիտի դատեմ եւ անոր վրայ ու անոր զօրքերուն գունդերուն վրայ ու անոր հետ եղող ժողովուրդներուն վրայ յորդահոս անձրեւ ու կարկուտի քարեր, կրակ ու ծծումբ պիտի տեղան։ 23 Եւ շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը’»։

ԳՈԳԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

39 1 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Գոգին վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ, Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան։ Ես քեզ պիտի շրջապատեմ, քեզ պիտի տանիմ եւ հիւսիսի ծայրերէն քեզ պիտի հանեմ ու քեզ Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի բերեմ։ Քու աղեղդ քու ձախ ձեռքէդ վար պիտի ձգեմ։ Քու նետերդ աջ ձեռքէդ վեր պիտի նետեմ։ Դուն քու բոլոր գունդերովդ ու քեզի հետ եղող ժողովուրդներով Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի իյնաս։ Քեզ ամէն տեսակ թեւ ունեցող գիշատիչ թռչունի ու դաշտի գազաններու կերակուր պիտի տամ։ Դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս, վասն զի ես խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Մագոգի վրայ ու կղզիներուն մէջ ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ կրակ պիտի ղրկեմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը։ Եւ իմ սուրբ անունս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ պիտի ճանչցնեմ ու պիտի չթողում որ անգամ մըն ալ իմ սուրբ անունս պղծուի։ Ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը՝ Իսրայէլի մէջ եղող Սուրբը։ Ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Իմ որոշած օրս ասիկա է։ Իսրայէլի քաղաքներուն բնակիչները պիտի ելլեն ու կրակ պիտի վառեն ու զէնքերը պիտի այրեն։ Ասպարներով, վահաններով, աղեղներով, նետերով, բիրերով ու նիզակներով եօթը տարի կրակ պիտի վառեն։ 10 Դաշտէն փայտ պիտի չբերեն, ո՛չ ալ անտառներէն պիտի կտրեն, հապա զէնքերով կրակ պիտի վառեն։ Զիրենք թալլողները պիտի թալլեն ու զիրենք կողոպտողները պիտի կողոպտեն’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ԳՈԳԻ ԹԱՂՈՒՄԸ

11 Այն օրը Իսրայէլի մէջ Գոգին գերեզմանի տեղ պիտի տամ Անցորդներու Ձորը՝ ծովուն արեւելեան կողմը։ Անիկա անցորդները պիտի արգիլէ ու հոն Գոգը ու անոր բոլոր բազմութիւնը պիտի թաղեն եւ զանիկա Գոգի Բազմութեան Ձորը պիտի կոչեն։ 12 Իսրայէլի որդիները երկիրը մաքրելու համար եօթը ամիս զանոնք պիտի թաղեն։ 13 Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը զանոնք պիտի թաղեն։ Ասիկա անոնց անուն մը պիտի ըլլայ այն օրը՝ որպէս զի ես փառաւորուիմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 14 Ու մարդիկ պիտի որոշեն՝ որ շարունակ երկրին մէջ պտըտին ու անցնողներուն հետ՝ երկրի երեսին վրայ մնացածները թաղեն, որպէս զի զանիկա մաքրեն. անոնք եօթը ամիս ետքը պիտի փնտռեն։ 15 Ու երկրին մէջէն անցնողները անցած ատեննին երբ մարդու ոսկոր տեսնեն, քովը նշան մը պիտի դնեն, որպէս զի թաղողները զանիկա Գոգի Բազմութեան Ձորը թաղեն։ 16 Ու քաղաքին անունն ալ Համոնա պիտի ըլլայ։ Այսպէս երկիրը պիտի մաքրեն։

17 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն տեսակ թեւաւոր թռչունի ու դաշտի բոլոր գազաններուն ըսէ՛. ‘Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք. ձեզի համար կատարած զոհիս, Իսրայէլի լեռներուն վրայ կատարուելու մեծ զոհին։ Ամէն կողմէ մօտեցէ՛ք, որպէս զի միս ուտէք ու արիւն խմէք։ 18 Զօրաւորներուն միսը ուտէք ու երկրի իշխաններուն արիւնը խմէք՝ խոյերու, գառներու, նոխազներու եւ զուարակներու, որոնք Բասանի գէր անասուններ են։ 19 Ձեզի համար կատարած զոհէս՝ մինչեւ որ կշտանաք ճարպ պիտի ուտէք ու մինչեւ որ գինովնաք՝ արիւն պիտի խմէք։ 20 Իմ սեղանիս վրայ ձիերէն ու կառքի անասուններէն, զօրաւորներէն ու ամէն պատերազմող մարդէն պիտի կշտանաք»։

ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

21 Տէր Եհովան կ’ըսէ. «Ազգերու մէջ իմ փառքս պիտի դնեմ ու բոլոր ազգերը իմ ըրած դատաստաններս ու անոնց վրայ դրած ձեռքս պիտի տեսնեն։ 22 Ու Իսրայէլի տունը այն օրէն յետոյ պիտի գիտնան թէ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ։ 23 Եւ ազգերը պիտի գիտնան թէ Իսրայէլի տունը՝ իրենց անօրէնութեանը եւ ինծի ապստամբ ըլլալնուն համար՝ գերի եղաւ ու ես իմ երեսս անոնցմէ ծածկեցի։ Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը տուի ու ամէնքը սուրով ինկան։ 24 Իրենց պղծութեանը համեմատ ու իրենց յանցանքներուն համեմատ իրենց հատուցում ըրի ու իմ երեսս իրենցմէ ծածկեցի’։

25 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Հիմա Յակոբը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի ողորմիմ։ Իմ սուրբ անուանս համար նախանձախնդիր պիտի ըլլամ։ 26 Երբ անոնք իրենց երկրին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու վախցնող մը չըլլայ, այն ատեն իրենց անարգանքը ու իրենց ինծի դէմ ըրած բոլոր յանցանքները պիտի կրեն։ 27 Երբ զանոնք ժողովուրդներէն դարձնեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրներէն հաւաքեմ, այն ատեն անոնց մէջ շատ ազգերու աչքերուն առջեւ պիտի սրբուիմ 28 Եւ պիտի գիտնան թէ ես եմ անոնց Տէր Աստուածը. որովհետեւ զանոնք ազգերու մէջ գերի քշեցի ու զանոնք նորէն իրենց երկիրը դարձուցի եւ հոն մարդ մը չթողուցի։ 29 Անգամ մըն ալ իմ երեսս անոնցմէ պիտի չծածկեմ, քանզի իմ Հոգիս Իսրայէլի տանը վրայ թափեցի’»։

ԱՊԱԳԱՅ ՏԱՃԱՐԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

(Եզեկ. 40։1–48։35)

ԵԶԵԿԻԷԼ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ

40 1 Մեր գերութեան քսանըհինգերորդ տարուան, առաջին ամսուան տասներորդ օրը, քաղաքին զարնուելուն տասնըչորրորդ տարին, նոյն օրը Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու զիս հոն տարաւ։ Զիս Աստուծոյ տեսիլքներով Իսրայէլի երկիրը տարաւ եւ խիստ բարձր լերան մը վրայ դրաւ։ Հոն՝ հարաւային կողմը՝ քաղաքի մը նման շինուածք մը կար։ Երբ զիս հոն տարաւ, մարդ մը ելաւ, որուն երեւոյթը պղնձի պէս էր եւ որուն ձեռքը քթանէ լար մը ու չափելու համար եղէգ մը կար։ Անիկա դուռը կայներ էր։ Այն մարդը ինծի ըսաւ. ‘Որդի՛ մարդոյ, աչքերովդ տե՛ս ու ականջներովդ լսէ՛ ու բոլոր ցուցուցածներուս ուշադրութիւն ըրէ՛, վասն զի դուն հոս բերուեցար որպէս զի այս բաները քեզի ցուցնեմ, որ տեսածդ Իսրայէլի տանը պատմես’։

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԴՈՒՌԸ

Դուրսէն տանը շուրջը պարիսպ մը կար։ Այն մարդուն ձեռքը չափելու համար վեց կանգուն երկայն եղէգ մը կար (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ հաշուելով)։ Երբ չափեց պարիսպին լայնութիւնը՝ եղէգ մը ու բարձրութիւնը եղէգ մըն էր։

Անիկա դէպի արեւելք նայող դուռը եկաւ ու աստիճաններուն վրայ ելաւ։ Դրանը մէկ սեմը եղէգ մը լայն ու միւս սեմը եղէգ մը լայն էր։ Ամէն մէկ խուցը եղէգ մը երկայն ու եղէգ մը լայն էր ու խուցերուն միջոցը հինգ կանգուն էր։ Դրանը սրահին քով եղող դրանը սեմը ներսէն մէկ կանգուն էր։ Անիկա դրանը սրահը ներսէն մէկ եղէգ չափեց։ Դրանը սրահը ութը կանգուն չափեց ու անոր դրանդիքը երկու կանգուն էր ու դրանը սրահը ներսի կողմէն էր։ 10 Արեւելեան դրանը խուցերը՝ մէկ կողմէն երեք ու միւս կողմէն երեք հատ էին, երեքին չափը նոյնն էր եւ դրանդիքներուն չափը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն նոյնն էր։ 11 Դրանը մուտքին լայնութիւնը տասը կանգուն չափեց, դրանը երկայնութիւնը՝ տասներեք կանգուն։ 12 Խուցերուն առջեւ մէկ կողմէն մէկ կանգունի բացուածք ու միւս կողմէն մէկ կանգունի բացուածք մը կար։ Խուցերը մէկ կողմէն՝ վեց կանգուն ու միւս կողմէն վեց կանգուն էին։ 13 Դուռը չափեց՝ մէկ խուցին տանիքէն մինչեւ միւսին տանիքը՝ լայնութիւնը տասնըհինգ կանգուն էր։ Մուտքերը իրարու դէմ էին։ 14 Դրանդիքը վաթսուն կանգուն չափեց մինչեւ դրան շուրջի գաւիթին դրանդիքը։ 15 Մուտքի դրան ճակատէն մինչեւ ներքին գաւիթը յիսուն կանգուն էր։ 16 Խուցերուն եւ անոնց դրանդիքներուն քով, դրանը ներսի կողմէն կլոր վանդակապատ պատուհաններ ունէին։ Սրահներն ալ այսպէս էին։ Ներսի կողմէն կլոր պատուհաններ ունէին եւ դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։

ԴՈՒՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ

17 Զիս դուրսի գաւիթը մտցուց եւ հոն ալ սենեակներ ու գաւիթին համար շինուած կլոր սալայատակ մը կար. սալայատակին շուրջը երեսուն սենեակ կար։ 18 Դռներուն քովի սալայատակը դռներուն երկայնութեանը դէմ եղող վարի սալայատակն էր։ 19 Ու անիկա վարի դրանը առջեւէն մինչեւ ներքին սրահին առջեւ դուրսէն՝ դէպի արեւելք ու հիւսիս՝ լայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց։

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

20 Եւ դուրսի գաւիթին դէպի հիւսիս նայող դրանը երկայնութիւնը ու լայնութիւնը չափեց։ 21 Մէկ կողմը երեք խուցեր ունէր ու երեք հատ ալ միւս կողմը։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները առաջին դրանը չափովն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանհինգ կանգուն էր։ 22 Պատուհաններն ու սրահները ու արմաւենիները դէպի արեւելք նայող դրանը չափովն էին։ Եօթը աստիճանով կ’ելլէին այն դուռը, որուն առջեւ էին սրահները։ 23 Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ հիւսիսային դրանը ու արեւելեան դրանը դէմ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը հարիւր կանգուն չափեց։

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

24 Ապա զիս հարաւային կողմը տարաւ։ Հոն ալ դուռ մը կար։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները չափեց, որոնք նոյն չափերը ունէին։ 25 Անոր սրահներուն շուրջը նոյն պատուհաններուն պէս պատուհաններ ունէին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 26 Այն դուռը ելլելու համար եօթը աստիճան կար։ Անոր սրահները անոնց առջեւ էին։ Անոր դրանդիքներուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ կային։

ՆԵՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ։ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

27 Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ դէպի հարաւ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը՝ դէպի հարաւ՝ հարիւր կանգուն չափեց։ 28 Զիս հարաւային դռնէն ներսի գաւիթը մտցուց։ Հարաւային դուռը չափեց, որ նոյն չափերուն համեմատ էր։ 29 Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անոր ու անոր սրահներուն շուրջը պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 30 Շուրջի սրահները քսանըհինգ կանգուն երկայն ու հինգ կանգուն լայն էին։ 31 Սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։

ՆԵՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ։ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԴՈՒՌԸ

32 Զիս ներսի գաւիթը տարաւ դէպի արեւելք ու դուռը չափեց, որ նոյն չափերը ունէր։ 33 Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անիկա ու անոր սրահները շուրջանակի պատուհաններ ունէին. անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 34 Անոր սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Անոր դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։

ՆԵՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ։ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

35 Զիս հիւսիսային դուռը տարաւ ու նոյն չափերուն համեմատ չափեց 36 Խուցերը, դրանդիքներն ու սրահները, որոնց շուրջ պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 37 Անոր դրանդիքները դէպի դուրսի գաւիթն էին ու դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։

ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԴՐԱՆ ՄՕՏ

38 Սենեակ մը կար, որուն մուտքը դռներուն քովի դրանդիքներուն մօտ էր։ Ողջակէզը հոն կը լուային։ 39 Դրանը սրահին մէջ մէկ կողմէն՝ երկու սեղան ու միւս կողմէն երկու սեղան կար, որպէս զի անոնց վրայ ողջակէզն ու մեղքի պատարագն ու յանցանքի պատարագը մորթեն։ 40 Եւ հիւսիսային մուտքի դրան դուրսի կողմը՝ երկու սեղան ու միւս կողմը եղող դրանը սրահին մէջ երկու սեղան կար։ 41 Դրանը քով մէկ կողմէն չորս սեղան ու միւս կողմէն չորս սեղան կար, բոլորը ութը սեղան։ Անոնց վրայ կը մորթէին։ 42 Չորս սեղանները, որոնք ողջակէզի համար էին, տաշուած քարէ մէկ ու կէս կանգուն երկայն ու մէկ ու կէս կանգուն լայն ու մէկ կանգուն բարձր էին։ Ողջակէզն ու զոհը մորթելու գործիքները անոնց վրայ կը դնէին։ 43 Ներսէն կլոր չորս մատնաչափ եզերք մը շինուած էր ու սեղաններուն վրայ զոհին միսը կը դրուէր։

44 Ներսի դրանը դուրսի կողմը, հիւսիսային դրանը քով եղող ներսի գաւիթին մէջ, երգողներուն համար սենեակներ կային։ Անոնց երեսը դէպի հարաւ էր։ Մէկը արեւելեան դրանը քով էր ու երեսը դէպի հիւսիս էր։ 45 Ինծի ըսաւ. «Այն սենեակը, որ դէպի հարաւ կը նայի, տանը պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։ 46 Այն սենեակը, որ դէպի հիւսիս կը նայի, սեղանին պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։ Անոնք Սադովկի որդիներն են, որոնք Ղեւիի որդիներէն Տէրոջը կը մօտենան՝ անոր ծառայութիւն ընելու համար։

ՆԵՐՍԻ ԳԱՒԻԹԸ ԵՒ ՏԱՃԱՐԸ

47 Գաւիթը չափեց, որուն երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը հարիւր կանգուն էր։ Անիկա քառակուսի էր։ Սեղանը տանը առջեւ էր։

48 Զիս տանը սրահը տարաւ։ Սրահին դրանդիքները չափեց՝ հինգ կանգուն մէկ կողմէն ու հինգ կանգուն միւս կողմէն էր։ Դրանը լայնութիւնը մէկ կողմէն երեք կանգուն ու միւս կողմէն երեք կանգուն էր։ 49 Սրահին երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասնըմէկ կանգուն էր։ Հոն [տասը] աստիճաններով կ’ելլէին։ Դրանդիքներուն քով երկու սիւներ կային։ Մէկը՝ մէկ կողմէն, միւսն ալ՝ միւս կողմէն։

41 1 Զիս տաճարը տարաւ ու անոր դրանդիքները չափեց։ Մէկ կողմէն վեց կանգուն լայն ու միւս կողմէն վեց կանգուն լայն էր, խորանին լայնութեանը համեմատ։ Դրանը լայնութիւնը տասը կանգուն էր։ Դրանը քովերը մէկ կողմէն հինգ կանգուն ու միւս կողմէն հինգ կանգուն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ քառասուն կանգուն ու լայնութիւնը քսան կանգուն չափեց։

Ներս մտաւ եւ դրանը դրանդիքները՝ երկու կանգուն ու դուռը վեց կանգուն չափեց ու դրանը լայնութիւնը՝ եօթը կանգուն էր։

Անոր երկայնութիւնը չափեց քսան կանգուն ու լայնութիւնը՝ քսան կանգուն, տաճարին լայնութեան համեմատ ու ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Սրբութիւն Սրբութեանցը’։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՊԱՏԻՆ ԴԷՄ ՇԻՆՈՒԱԾ ՍԵՆԵԱԿՆԵՐ

Տանը պատը՝ վեց կանգուն ու տանը բոլորտիքը եղող սենեակներուն լայնութիւնը չորս կանգուն չափեց։

Սենեակները իրարու վրայ էին երեք դստիկոնով ու թիւով՝ երեսուն եւ անոնց գերանները կը մտնէին տաճարին այն պատին մէջ, որ սենեակներուն համար շինուած էր բոլորակաձեւ, որպէս զի անոր կռթնին, բայց տանը պատին չէին կռթնիր։ Սենեակները ելլելու համար՝ շրջանակաւոր սանդուխ մը կար վեր ելլելու համար, որ տանը բոլորտիքը կը դառնար։ Երթալով տունը կը լայննար եւ այսպէս վարի դստիկոնէն վերի դստիկոնը միջին դստիկոնէն կ’ելլէին։ Ու բոլորակաձեւ տանը բարձրութիւնը տեսայ. սենեակներուն հիմերը ամբողջ մէկ եղէգ, այսինքն վեց մեծ կանգուն էին։ Սենեակներուն պատին լայնութիւնը դուրսէն հինգ կանգուն էր ու մնացածը սենեակներուն ներսի կողմն էր։ 10 Դուրսի սենեակներուն մէջտեղը, տանը բոլորտիքը, քսան կանգուն լայն միջոց մը կար։ 11 Սենեակներուն մուտքերը մնացած տեղին կը նայէին. մուտքին մէկը՝ դէպի հիւսիս եւ մուտքին միւսը դէպի հարաւ կը նայէր։ Մնացած տեղին լայնութիւնը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն էր։

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇԷՆՔԸ

12 Զատուած տեղին առջեւ, դէպի արեւմտեան ծայրը եղող շէնքին լայնութիւնը եօթանասուն կանգուն էր ու շէնքին պատը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն լայն ու երկայնութիւնը ինիսուն կանգուն էր։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԷՆՔԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՉԱՓԸ

13 Տանը երկայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց ու զատուած տեղը ու շէնքը իր պատերովը հարիւր կանգուն երկայն էր։ 14 Տանը ու զատուած տեղին երեսը դէպի արեւելք հարիւր կանգուն լայն էր։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԷՆՔԻՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

15 Տանը ետեւի կողմէն՝ զատուած տեղին առջեւի շէնքին երկայնութիւնը եւ անոր սիւնազարդ սրահները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, ներքին տաճարին ու գաւիթին սրահներուն հետ, հարիւր կանգուն չափեց։ 16 Դրանը սեմերն ու վանդակապատ պատուհանները եւ շրջանակաձեւ այն երեք շէնքերուն սեմերուն դէմ եղող սիւնազարդ սրահները ամէն կողմէն տախտակով շինուած էին՝ գետնէն մինչեւ պատուհանները։ Պատուհանները ծածկուած էին։ 17 Դրանը վերեւ՝ մինչեւ ներքին տունը եւ դուրսէն ու բոլոր պատը շրջանակաձեւ էին ներսէն ու դուրսէն, իրենց չափերովը։

18 Այս տախտակամածին վրայ քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Երկու քերովբէներուն մէջտեղ արմաւենի մը ու ամէն մէկ քերովբէն երկու երես ունէր։ 19 Այսինքն մէկ կողմը դէպի արմաւենին մարդու երես ու միւս կողմը դէպի արմաւենին առոյգ առիւծի երես։ Բոլոր տանը շուրջի քանդակը այսպէս էր։ 20 Յատակէն մինչեւ դրանը վերեւը քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, նոյնպէս ալ տաճարին պատին վրայ։ 21 Տաճարին դրանդիքները քառակուսի էին։ Սրբարանին երեսը, մէկուն երեւոյթը միւսին երեւոյթին պէս էր։

ՓԱՅՏԷ ՍԵՂԱՆԸ

22 Փայտէ սեղանը երեք կանգուն բարձր էր։ Երկայնութիւնը երկու կանգուն էր եւ իր անկիւնները իրմէ էին։ Անոր երկայնութիւնը ու քովերը փայտէ էին։ Առաջնորդս ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Տէրոջը առջեւ եղող սեղանը’։

ԴՌՆԵՐԸ

23 Տաճարն ու սրբարանը երկու դուռ ունէին։ 24 Դռները երկերկու փեղկ ունէին։ Փեղկերը երկուքի կը ծալլուէին։ Երկու փեղկ մէկը ունէր ու երկու փեղկ՝ միւսը։ 25 Անոնց եւ տաճարին դռներուն վրայ, պատերուն վրայի քանդակուածին պէս քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Դուրսէն սրահին երեսը փայտէ սանդուխ մը կար։ 26 Սրահին քովերը ու տանը սենեակներուն մէջ եւ սանդուխներուն վրայ, մէկ կողմէն ու միւս կողմէն վանդակապատ պատուհաններ ու արմաւենիներ կային։

ԵՐԿՈՒ ՇԷՆՔԵՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄՕՏ

42 1 Անկէ ետքը զիս դէպի հիւսիս եղող ճամբովը արտաքին գաւիթը հանեց եւ զիս զատուած տեղին դէմը եղող ու դէպի հիւսիս նայող շէնքին առջեւի սենեակները տարաւ։ Այս սենեակներուն հիւսիսային մուտքին առջեւի երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը յիսուն կանգուն էր։ Ներսի գաւիթին քսան կանգունին դէմ ու դուրսի գաւիթին սալայատակին դէմ, իրարու առջեւ, երեք դստիկոնով սիւնազարդ սրահներ կային։ Սենեակներուն առջեւ՝ ներսէն տասը կանգուն լայն ճեմելիք մը ու մէկ կանգուն ճամբայ մը կար։ Անոնց դռները դէպի հիւսիս էին։ Վերի սենեակները նեղ էին, վասն զի սիւնազարդ սրահները անոնցմէ, այսինքն շէնքին վարի ու միջին սենեակներէն, հեռու էին։ Քանզի անոնք երեք դստիկոն էին ու գաւիթներուն սիւներուն պէս սիւներ չունէին։ Անոր համար գետնէն, այսինքն վարի ու միջին սենեակներէն աւելի կը նեղնային։ Սենեակներուն դէմ, դուրսի գաւիթին կողմը, սենեակներուն առջեւի դուրսի պատին երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր, Նոյնպէս դուրսի գաւիթը նայող սենեակներուն երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր, իսկ տաճարին առջեւ հարիւր կանգուն էր։ Այս սենեակներուն տակէն, դուրսի գաւիթէն անոնց երթալու համար արեւելեան կողմէն, մուտք մը կար։ 10 Գաւիթին պարսպին լայնութեանը մէջ դէպի արեւելք, զատուած տեղին ու շէնքին առջեւ սենեակներ կային։ 11 Անոնց առջեւ ճամբայ մը կար հիւսիսային սենեակներուն երեւոյթին պէս, թէ՛ անոնց երկայնութեանը, թէ՛ անոնց լայնութեանը եւ թէ՛ անոնց բոլոր ելքերուն եւ անոնց ձեւերուն ու դռներուն կողմէ։ 12 Նոյնպէս էին հարաւային սենեակներուն մուտքերը։ Ճամբուն գլուխը մուտք մը կար, այսինքն արեւելեան ճամբուն բերանը՝ պատին առջեւի շիտակ ճամբան։

13 Ինծի ըսաւ. «Զատուած տեղին առջեւ եղող հիւսիսային կողմի սենեակները ու հարաւային կողմի սենեակները սուրբ սենեակներն են ուր Տէրոջը մօտեցող քահանաները ամենասուրբ բաները պիտի ուտեն։ Հոն պիտի դնեն ամենասուրբ բաները ու հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը, քանզի այն տեղը սուրբ է։ 14 Երբ քահանաները հոն մտնեն, սուրբ տեղէն դուրսի գաւիթը պիտի չելլեն, հապա իրենց պաշտօնի զգեստները հոն պիտի թողուն, վասն զի անոնք սուրբ են եւ ուրիշ հանդերձներ հագնելով՝ ժողովուրդին վերաբերեալ բաներուն պիտի մօտենան»։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԵՐԸ

15 Երբ ներքին տունը չափեց լմնցուց, զիս դէպի արեւելք նայող դուռը հանեց ու զայն ամէն կողմէն չափեց։ 16 Արեւելեան կողմը չափի եղէգով՝ շրջանակաձեւ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 17 Հիւսիսային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 18 Հարաւային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 19 Արեւմտեան կողմը դարձաւ ու հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ 20 Զանիկա չորս կողմէն չափեց. անիկա հինգ հարիւր եղէգ երկայն ու հինգ հարիւր եղէգ լայն էր ու պարիսպ ունէր՝ սուրբ ու անսուրբ տեղերը իրարմէ զատելու համար։

ՏԷՐԸ ՏԱՃԱՐ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ

43 1 Զիս դէպի արեւելք նայող դուռը տարաւ։ Ահա արեւելեան ճամբայէն Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը կու գար ու անոր ձայնը շատ ջուրերու ձայնին պէս էր ու երկիրը անոր փառքէն լուսաւորուեցաւ։ Տեսած տեսիլքս նման էր այն տեսիլքին, որ տեսայ երբ քաղաքը կործանելու եկայ։ Այս տեսիլքները Քոբար գետին քով տեսած տեսիլքիս պէս էին։ Երեսիս վրայ ինկայ Եւ Տէրոջը փառքը դէպի արեւելք նայող դրանը ճամբայէն տունը մտաւ։ Հոգին զիս վերցուց եւ ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը փառքը տունը լեցուցեր էր։ Ձայն մը լսեցի, որ տաճարէն ինծի կը խօսէր (ու իմ քովս մարդ մը կայներ էր) Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ յաւիտեան բնակելու աթոռիս տեղը եւ իմ ոտքերուս գարշապարներուն տեղը ասիկա է։ Իսրայէլի տունը իրենք ու իրենց թագաւորները, իրենց պոռնկութիւններովը ու իրենց թագաւորներուն դիակներովը իրենց բարձր տեղերուն մէջ ա՛լ իմ սուրբ անունս պիտի չպղծեն։ Վասն զի իրենց սեմերը իմ սեմերուս ու իրենց դրանդիքը իմ դրանդիքներուս մօտ դրին, այնպէս որ իմ ու անոնց մէջտեղ միայն պատ մը մնաց։ Իրենց ըրած գարշութիւններովը իմ սուրբ անունս պղծեցին. ես ալ իմ բարկութիւնովս խորտակեցի զանոնք։ Հիմա թող իրենց պոռնկութիւնը ու իրենց թագաւորներուն դիակները ինձմէ հեռացնեն, այն ատեն յաւիտեան անոնց մէջ պիտի բնակիմ»։

10 «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը նկարագրէ՛ այս տաճարը, անոր երեւոյթը եւ յատակագիծը, որպէս զի ամչնան իրենց անօրէնութիւններէն։ 11 Եթէ իրենց բոլոր ըրածներէն ամչնան, այն ատեն նկարագրէ՛ տաճարը, անոր կարգն ու սարքը, անոր մուտքն ու ելքը ու բոլոր ձեւերը եւ ծանօթացուր բոլոր կանոններն ու օրէնքները եւ գրէ՛ անոնց աչքերուն առջեւ, որպէս զի պահեն ու կատարեն զանոնք։ 12 Այս է տաճարին օրէնքը։ Անոր բոլոր սահմանը շրջանակաձեւ լերանը գլխուն վրայ ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ահա տաճարին օրէնքը ասիկա է։

ՍԵՂԱՆԸ

13 Ասոնք են սեղանին չափերը կանգունով (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ է). խոր տեղը մէկ կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն եւ անոր սահմանը՝ անոր եզերքին վրայ՝ շուրջանակի մէկ թիզ պիտի ըլլայ։ Այս պիտի ըլլայ սեղանին հիմը։ 14 Ու գետնին խոր տեղէն մինչեւ վարի շրջանակը երկու կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։ 15 Կրակարանը չորս կանգուն բարձր պիտի ըլլայ։ Կրակարանէն վեր չորս եղջիւր պիտի ըլլայ։ 16 Կրակարանը տասներկու կանգուն երկայն ու տասներկու կանգուն լայն, չորս կողմն ալ հաւասար ըլլալով՝ քառակուսի պիտի ըլլայ։ 17 Անոր բոլորտիքը եղող շրջանակը տասնըչորս կանգուն երկայն ու տասնըչորս կանգուն լայն պիտի ըլլայ։ Բոլորտիքը եղող սահմանը կէս կանգուն ու խոր տեղը շուրջանակի մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։ Անոր աստիճանները դէպի արեւելք պիտի ըլլան»։

ՍԵՂԱՆԻՆ ՕԾՈՒՄԸ

18 Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասոնք պիտի ըլլան սեղանին կանոնները՝ այն օրը որ զանիկա շինեն անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանելու ու արիւն սրսկելու համար։ 19 Սադովկի սերունդէն եղող Ղեւտացի քահանաներուն, որոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան, դուն անոնց մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը պիտի տաս։ 20 Անոր արիւնէն պիտի առնես ու սեղանին չորս եղջիւրներուն վրայ ու շրջանակին ու անոր սահմանին վրայ պիտի դնես։ Զանիկա պիտի սրբես եւ անոր համար քաւութիւն պիտի ընես։ 21 Մեղքի պատարագին զուարակը պիտի առնես եւ սրբարանէն դուրս՝ տաճարին որոշուած տեղը պիտի այրես։ 22 Ու երկրորդ օրը մեղքի պատարագի համար այծերէն անարատ նոխազ մը պիտի մատուցանես։ Սեղանը պիտի սրբես՝ ինչպէս զուարակով սրբեցիր։ 23 Երբ սրբելը լմնցնես, արջառներէն անարատ զուարակ մը ու ոչխարներէն անարատ խոյ մը պիտի մատուցանես։ 24 Զանոնք Տէրոջը առջեւ պիտի մօտեցնես ու քահանաները անոնց վրայ աղ պիտի ցանեն ու զանոնք Տէրոջը իբր ողջակէզ պիտի ընեն։ 25 Եօթը օր մեղքի պատարագի համար՝ օրը մէկմէկ նոխազ պիտի մատուցանես։ Նաեւ արջառներէն զուարակ մը ու ոչխարներէն խոյ մը պիտի մատուցանես, որոնք անարատ պէտք է ըլլան։ 26 Եօթը օր սեղանին քաւութիւն պիտի ընես եւ զանիկա սրբես ու նուիրես։ 27 Երբ այն օրերը լմննան, ութերորդ օրը քահանաները սեղանին վրայ ձեր ողջակէզները ու ձեր խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԴՐԱՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

44 1 Զիս սրբարանին դէպի արեւելք նայող դուրսի դրանը ճամբան դարձուց։ Անիկա գոց էր։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս դուռը գոց պիտի մնայ, պիտի չբացուի, անկէ մարդ պիտի չմտնէ. քանզի անկէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը մտաւ, անոր համար գոց պիտի մնայ։ Անիկա իշխանին համար պիտի ըլլայ, հոն միայն իշխանը պիտի նստի Տէրոջը առջեւ հաց ուտելու համար։ Անիկա սրահին դրանը ճամբայէն պիտի մտնէ ու նոյն ճամբայէն պիտի ելլէ»։

ՏԱՃԱՐԻ ՄՈՒՏՔԻՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն տանը առջեւ տարաւ։ Տեսայ թէ Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր. ուստի երեսիս վրայ ինկայ։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէրոջը տանը բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր օրէնքներուն վրայով քեզի ըսածներս միտքդ պահէ՛։ Աչքերովդ տե՛ս եւ ականջներովդ լսէ՛։ Տանը մուտքերը ու սրբարանին բոլոր ելքերը աղէկ դիտէ՛ Եւ ապստամբներուն՝ Իսրայէլի տանը՝ ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ալ հերի՛ք է ձեզի ձեր բոլոր պղծութիւնները, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Որ դուք սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ օտարազգիներ մօտեցուցիք, որ իմ սրբարանիս մէջ մտնեն ու իմ տունս պղծեն, երբ դուք իմ հացս, ճարպն ու արիւնը կը մատուցանէիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն զատ անոնք իմ ուխտս խափանեցին։ Իմ սուրբ բաներուս պահպանութիւն չըրիք, հապա իմ սրբարանիս մէջ ձեր ուզածին պէս պահապաններ դրիք»։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵՆԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՈՒԻՆ

Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիներուն մէջ եղող բոլոր օտարազգիներէն՝ սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ ոեւէ օտարազգի իմ սրբարանս պիտի չմտնէ։ 10 Մանաւանդ Ղեւտացիները, որոնք ինձմէ հեռացան, երբ Իսրայէլի որդիները ինձմէ մոլորեցան ու իրենց կուռքերուն ետեւէն գացին, ուստի իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։ 11 Իմ սրբարանիս մէջ տանը դռները որոշուած սպասաւորներ ու տաճարին սպասաւորներ պէտք է գտնուին, որպէս զի ժողովուրդին համար ողջակէզներ ու զոհեր մորթեն ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար անոնց առջեւ կայնին։ 12 Որովհետեւ անոնց կուռքերուն առջեւ ծառայութիւն ըրին ու Իսրայէլի տանը գայթակղութեան ու անօրէնութեան պատճառ եղան, անոր համար անոնց վրայ իմ ձեռքս վերցուցի։ Անոնք իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։ 13 Ինծի պիտի չմօտենան քահանայութիւն ընելու ու իմ բոլոր սուրբ բաներուս եւ ամենասուրբ բաներուս պիտի չմօտենան, հապա իրենց անարգանքը ու իրենց պղծութիւնները պիտի կրեն։ 14 Սակայն զանոնք տանը վրայ պահապան պիտի դնեմ անոր ծառայելու ու անոր մէջ եղած բոլոր գործերուն համար։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ

15 «Բայց Ղեւտացի քահանաները, այսինքն Սադովկի որդիները, որոնք իմ սրբարանիս պահպանութիւնը կատարեցին երբ Իսրայէլի որդիները ինձմէ մոլորեցան, անոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան եւ ճարպն ու արիւնը ինծի մատուցանելու համար անոնք իմ առջեւս պիտի կայնին», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 16 Անոնք իմ սրբարանս պիտի մտնեն ու ինծի ծառայութիւն ընելու համար պիտի մօտենան իմ սեղանիս եւ պահպանութիւն պիտի ընեն։ 17 Երբ ներսի գաւիթին դռներէն մտնեն՝ կտաւէ զգեստներ պիտի հագնին ու ներսի գաւիթին դռները ու ներսը ծառայութիւն ըրած ատեննին իրենց վրայ բուրդ պիտի չհագնին։ 18 Իրենց գլուխներուն վրայ կտաւէ ապարօշ թող կրեն ու մէջքերնին կտաւէ վարտիքներ թող ունենան։ Քրտնցնող բան պիտի չհագնին։ 19 Երբ դուրսի գաւիթը ժողովուրդին ելլեն, իրենց պաշտամունքին զգեստները թող հանեն ու զանոնք սուրբ սենեակներուն մէջ դնեն եւ ուրիշ զգեստներ հագնին, որպէս զի իրենց զգեստներովը ժողովուրդը չսրբեն։ 20 Գլուխնին թող չածիլեն, ո՛չ ալ մազերնին երկնցնեն, հապա միայն գլուխին մազերը կարճցնեն։ 21 Ոեւէ քահանայ գինի պէտք չէ խմէ, երբ ներքին գաւիթը մտնէ։ 22 Որբեւայրին կամ արձակուածը իրենց կին պէտք չէ առնեն, հապա Իսրայէլի սերունդէն եղող կոյսը կամ քահանայէ մը որբեւարի մնացած կինը առնեն։ 23 Իմ ժողովուրդիս՝ սուրբ ու անսուրբ բաներուն տարբերութիւնը պէտք է սորվեցնեն եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը անոնց գիտցնեն։ 24 Ու դատերու ատեն անոնք պէտք է կենան դատաստան ընելու համար ու իմ օրէնքներուս համեմատ զանոնք դատեն։ Իմ բոլոր տօներուս մէջ իմ օրէնքներս ու կանոններս պիտի պահեն ու շաբաթներս սրբեն։ 25 Եւ մարդու մեռելի քով պիտի չերթան՝ որ չանմաքրուին. հապա միայն հօր, կամ մօր, կամ տղու, կամ աղջկայ, կամ եղբօր, կամ չամուսնացած քրոջ քով կրնան երթալ։ 26 Մէկուն սրբուելէն ետքը եօթը օր պիտի հաշուեն։ 27 Անիկա սրբարանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար ներսի գաւիթը՝ սրբարանը մտած օրը՝ իր մեղքի պատարագը թող մատուցանէ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

28 Ասիկա անոնց ժառանգութիւն պիտի չըլլայ։ Անոնց ժառանգութիւնը ես եմ ու Իսրայէլի մէջ անոնց կալուած մի՛ տաք։ Անոնց կալուածը ես եմ։ 29 Հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը պիտի ուտեն։ Իսրայէլին տրուած ամէն նուէր անոնց պիտի ըլլայ։ 30 Ամէն բանի երախայրիները ու ձեր բոլոր ընծաները քահանային պիտի ըլլան։ Ձեր գործերուն երախայրին քահանային պիտի տաք, որպէս զի ձեր տանը վրայ օրհնութիւն բերէք։ 31 Քահանաները բնաւ ինքնիրեն մեռած կամ գազաններէ մեռցուած անասունի միս պիտի չուտեն, թռչուն ըլլայ կամ չորքոտանի։

ԵՐԿՐԷՆ ՏԷՐՈՋԸ ԲԱԺԻՆԸ

45 1 Ու երբ երկիրը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնէք, երկրէն քսանըհինգ հազար եղէգ երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ սուրբ ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը. ասիկա իր շուրջի բոլոր սահմաններուն մէջ սուրբ ըլլայ։ Ասկէ քառակուսի չափուած՝ հինգ հարիւրով հինգ հարիւր սրբարանին համար պիտի ըլլայ։ Անիկա շուրջը յիսուն կանգուն արուարձան ունենալու է։ Այս չափով՝ երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար չափէ, որուն մէջ պիտի ըլլայ սրբարանը, այսինքն՝ ամենասուրբ տեղը։ Ասիկա Տէրոջը ծառայութեան համար մօտեցող սրբարանի պաշտօնեաներուն, քահանաներուն համար՝ սուրբ պիտի ըլլայ, որպէս զի անոնց՝ տուներու համար տեղ մը սրբարանին համար սուրբ տեղ մը ըլլայ։

Տանը ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ կալուած պէտք է ունենան, նաեւ՝ քսան սենեակ

Եւ հինգ հազար լայնութեամբ ու քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ՝ քաղաքին կալուածը պիտի տաք սրբարանին ընծային հետ. ասիկա բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի պատկանի։

ԻՇԽԱՆԻՆ ԿԱԼՈՒԱԾԸ

Իշխանին կալուածը՝ սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, սուրբ ընծային եւ քաղաքին կալուածին դէմ դէպի արեւմուտք ու դէպի արեւելք պէտք է ըլլայ։ Երկայնութիւնը արեւմտեան սահմանէն մինչեւ արեւելեան սահմանը միւս բաժիններէն մէկուն հետ հաւասար պէտք է ըլլայ։ Իսրայէլի երկրէն ասիկա անոր կալուած թող ըլլայ։ Իմ իշխաններս անգամ մըն ալ իմ ժողովուրդս պէտք չէ հարստահարեն։ Մնացած երկիրը Իսրայէլի տանը պիտի տրուի իրենց ցեղերուն համեմատ։

ԿԱՆՈՆՆԵՐ ԻՇԽԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ա՛լ հերիք է ձեզի, ո՛վ Իսրայէլի իշխաններ։ Զրկանքն ու յափշտակութիւնը վերցուցէ՛ք եւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրէ՛ք։ Իմ ժողովուրդէս ձեր բռնի պահանջները վերցուցէ՛ք։ 10 Ձեր կշիռքները արդար, ձեր արդուն՝ արդար ու ձեր մարը արդար պէտք է ըլլայ։ 11 Արդուն ու մարը մէկ չափ ըլլալու են, որպէս զի մարը քոռին մէկ տասներորդը պարունակէ ու արդուն ալ քոռին մէկ տասներորդը։ Քոռին նայելով պիտի ըլլայ անոնց չափը։ 12 Սիկղը քսան կերատ պիտի ըլլայ։ Ձեր մնասը քսան սիկղ, քսանըհինգ սիկղ, տասնըհինգ սիկղ պիտի ըլլայ։

13 «Ձեր մատուցանելու ընծան այսպէս ըլլալու է՝ ցորենի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը ու գարիի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը։ 14 Իւղին կանոնը ասիկա ըլլայ՝ իւղին մարէն՝ մարին մէկ տասներորդը ամէն քոռէն, այսինքն ամէն խօմէրէն, որ տասը մար կը պարունակէ, վասն զի տասը մարը մէկ խօմէր է։ 15 Իսրայէլի ջրարբի արօտներուն հօտերէն՝ երկու հարիւրէն մէկ ոչխար։ Ասոնք պիտի մատուցանեն իբրեւ հացի ընծայ ու ողջակէզ եւ խաղաղութեան զոհ, որպէս զի իրենց համար քաւութիւն ըլլայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ 16 Երկրին բոլոր ժողովուրդը այս ընծան Իսրայէլի իշխանին տալու պարտաւոր պէտք է ըլլան։ 17 Տօներու ու ամսագլուխներու ու շաբաթներու մէջ, Իսրայէլի տանը ամէն հանդիսաւոր օրերուն մէջ, ողջակէզները ու հացի ընծան եւ ըմպելի նուէրը իշխանը պիտի առնէ։ Մեղքի պատարագն ու հացի ընծան ու ողջակէզը եւ խաղաղութեան զոհը անիկա պիտի մատուցանէ՝ Իսրայէլի տանը քաւութիւն ընելու համար։

ՏՕՆԵՐ

(Ելից 12։1-20, Ղեւ. 23։33-43)

18 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Առաջին ամսուան առաջին օրը արջառներէն մէկ անարատ զուարակ առ եւ սրբարանը մաքրէ՛։ 19 Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն պիտի առնէ եւ տանը դրանդիքներուն վրայ ու սեղանին շրջանակին չորս անկիւններուն վրայ եւ ներքին գաւիթին դրանը դրանդիքներուն վրայ պիտի քսէ։ 20 Ամսուան եօթներորդ օրն ալ սխալած կամ անմիտ մարդու համար այնպէս ըրէ՛, որպէս զի տանը համար քաւութիւն ըլլայ»։

21 Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը ձեզի զատիկ ըլլայ։ Եօթը օր տօն պիտի պահուի ու բաղարջ պիտի ուտուի։ 22 Այն օրը իշխանը իրեն համար ու երկրին բոլոր ժողովուրդին համար զուարակ մը պիտի մատուցանէ իբրեւ մեղքի պատարագ։ 23 Տօնին եօթը օրը Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէ։ Այն եօթը օրուան մէջ՝ օրը եօթը զուարակ ու եօթը անարատ խոյ։ Ամէն օր այծերէն մէկ նոխազ՝ իբրեւ մեղքի պատարագ։ 24 Իւրաքանչիւր զուարակին համար՝ մէկ արդու եւ իւրաքանչիւր խոյի համար՝ մէկ արդու հացի ընծայ։ Իւրաքանչիւր արդուի համար մէկ հիմէն իւղ պիտի մատուցանէ։ 25 Նոյնպէս ալ եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը. տօնին ատենը եօթը օր այս մեղքի պատարագին, ողջակէզին, հացի ընծային ու իւղին պէս պիտի մատուցանէ։

ԻՇԽԱՆԸ ԵՒ ՏՕՆԵՐԸ

46 1 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ «Ներքին գաւիթին դէպի արեւելք նայող դուռը գործի վեց օրերը գոց պիտի ըլլան. միայն շաբաթ օրն ու ամսագլխուն պիտի բացուի։ Իշխանը այն դրանը դուրսէն սրահին ճամբայէն պիտի մտնէ, դրանը դրանդիքներուն քով պիտի կայնի։ Քահանաները անոր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն։ Անիկա դրանը սեմին վրայ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու ելլէ։ Այն դուռը մինչեւ իրիկուն պիտի չգոցուի։ Ու երկրին ժողովուրդը շաբաթ օրերը ու ամսագլուխները Տէրոջը առջեւ այս դրանը մուտքին մէջ երկրպագութիւն պիտի ընեն»։

Իշխանին շաբաթ օրը Տէրոջը մատուցանելու ողջակէզը վեց անարատ գառ ու մէկ անարատ խոյ ըլլալու է։ Եւ խոյին համար իբր հացի ընծայ մէկ արդու ու գառներուն համար իբր հացի ընծայ ձեռքէն եկածը եւ ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ մատուցանելու է։ Ու ամսագլխուն՝ արջառներէն մէկ անարատ զուարակ ու վեց գառ ու մէկ խոյ, որոնք անարատ պէտք է ըլլան։ Եւ զուարակին համար մէկ արդու եւ խոյին համար մէկ արդու հացի ընծայ մատուցանելու է ու գառներուն համար՝ ինչ որ ձեռքէն կու գայ եւ ամէն մէկ արդուի համար՝ մէկ հիմէն իւղ։

Երբ իշխանը գայ դրանը սրահին ճամբէն պէտք է մտնէ եւ նոյն ճամբէն ելլէ։ Երկրին ժողովուրդը, եթէ հանդիսաւոր օրերու մէջ երկրպագութիւն ընելու համար Տէրոջը առջեւ գան, հիւսիսային դրանը ճամբայէն մտնողը հարաւային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ ու հարաւային դրանը ճամբայէն մտնողը հիւսիսային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ։ Մտած դրանը ճամբայէն թող չդառնան, հապա անոր դիմացի դռնէն ելլեն։ 10 Իշխանը անոնց մտած ատենը անոնց հետ թող մտնէ ու անոնց ելած ատենը անոնց հետ թող ելլէ։

11 Տօներու մէջ ու հանդիսաւոր օրերու մէջ հացի ընծան ամէն զուարակի համար արդու մը եւ ամէն խոյի համար արդու մը պիտի ըլլայ, իսկ գառներուն համար՝ ձեռքէն եկածը։ Ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ ըլլալու է։ 12 Եթէ իշխանը կամաւոր ողջակէզ մը կամ կամաւոր խաղաղութեան զոհ մը Տէրոջը մատուցանելու ըլլայ, դէպի արեւելք նայող դուռը թող բանան։ Անիկա իր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհը պէտք է մատուցանէ՝ ինչպէս շաբաթ օրը կը մատուցանէ ու ապա ելլէ եւ անոր ելլելէն ետքը դուռը պէտք է գոցեն։

ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՈՂՋԱԿԷԶ

13 Ամէն օր մէկ տարեկան անարատ գառնուկ մը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանէ՛, զանիկա ամէն առտու մատուցանէ 14 Եւ անոր հետ ամէն առտու արդուին մէկ վեցերորդ մասը հացի ընծայ մատուցանէ՛ ու հիմէնին մէկ երրորդ մասը իւղ՝ նաշիհին հետ խառնելու համար. ասիկա յաւիտենական կանոնով Տէրոջը մշտնջենաւոր հացի ընծայ պիտի ըլլայ։ 15 Գառնուկն ու հացի ընծան ու իւղը ամէն առտու պէտք է մատուցանեն, որպէս մշտնջենական ողջակէզ։

ԻՇԽԱՆԸ ԵՒ ԿԱԼՈՒԱԾԸ

16 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Երբ իշխանը իր որդիներէն մէկուն պարգեւ տայ, այդ անոր որդիներուն ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. անիկա ժառանգական կալուած մը պիտի ըլլայ անոնց։ 17 Իսկ երբ ժառանգութենէն իր ծառաներէն մէկուն պարգեւ տայ, այն ատեն անիկա մինչեւ թողութեան տարին անորը պէտք է ըլլայ, բայց ետքը իշխանին պէտք է դառնայ, վասն զի իշխանին ժառանգութիւնը միայն իր որդիներուն պիտի ըլլայ։ 18 Իշխանը ժողովուրդին ժառանգութենէն բան մը կտրելու չէ, զանոնք իրենց կալուածէն զրկելով։ Ան իր սեփական կալուածէն տալու է իր որդիներուն ժառանգութիւնը, որպէս զի իր ժողովուրդէն ոեւէ մէկը իր կալուածէն չզրկուի»։

ՏԱՃԱՐԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑՆԵՐԸ

19 Ապա զիս դրանը քով եղող մուտքէն քահանաներուն դէպի հիւսիս նայող սուրբ սենեակները տարաւ։ Հոն ետեւի կողմերը դէպի արեւմուտք տեղ մը կար 20 Ու ինծի ըսաւ. «Ասիկա այն տեղն է, ուր քահանաները յանցանքի պատարագին ու մեղքի պատարագին միսը պիտի խաշեն ու հոն հացի ընծան պիտի եփեն, որ չըլլայ թէ դուրսի գաւիթը հանեն ու ժողովուրդը սրբեն»։ 21 Յետոյ զիս դուրսի գաւիթը հանեց ու գաւիթին չորս անկիւններէն անցուց։ Գաւիթին ամէն մէկ անկիւնը մէկմէկ գաւիթ կար։ 22 Գաւիթին չորս անկիւններուն մէջ քառասուն կանգուն երկայնութեամբ ու երեսուն՝ լայնութեամբ բոլորակաձեւ գոցուած գաւիթներ կային. չորսին չափը մէկ էր։ 23 Անոնց չորսին ալ բոլորտիքը, շէնքերու շարք մը կար ու այն շարքին տակ բոլորակաձեւ կրակարաններ շինուած էին։ 24 Ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք խոհանոցներն են, ուր տաճարին պաշտօնեաները ժողովուրդին զոհը պիտի եփեն»։

ՏԱՃԱՐԷՆ ՀՈՍՈՂ ՀՈՍԱՆՔԸ

47 1 Զիս նորէն տաճարին դրանը ետեւը բերաւ։ Արեւելեան կողմէն տանը սեմին տակէն ջուրեր կ’ելլէին, քանզի տանը երեսը դէպի արեւելք էր ու ջուրերը տանը աջ կողմին տակէն՝ սեղանին հարաւային կողմէն կ’իջնէին։ Ապա զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն հանեց եւ առաջնորդեց դէպի արտաքին դուռը, որ արեւելք կը նայէր եւ ջուրը կը հոսէր դէպի հարաւային կողմը։

Այն մարդը, որ իր ձեռքը լար ունէր, դէպի արեւելք գնաց ու հազար կանգուն չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ գարշապարներս կ’ելլէին։ Հազար կանգուն եւս չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ ծունկերս կ’ելլէին։ Հազար կանգուն եւս չափեց ու զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ մէջքս կ’ելլէին։ Նորէն հազար կանգուն ալ չափեց, ուր այնպիսի գետ մը եղած էր, ուրկէ չէի կրնար անցնիլ. վասն զի ջուրերը յորդեր էին ու այնպիսի գետ մը կազմեր էին, ուրկէ մարդ չէր կրնար անցնիլ՝ առանց լողալու»։

Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Տեսա՞ր, որդի՛ մարդոյ» եւ զիս տարաւ ու գետին եզերքը պտըտցուց։ Երբ կը պտըտէի, տեսայ թէ գետին երկու եզերքը խիստ շատ ծառեր կային։ Ինծի ըսաւ. «Այս ջուրերը արեւելեան կողմէն կ’ելլեն ու անապատը կ’իջնեն ու ծովը կ’երթան եւ ծովուն խառնուելով, անոր ջուրերը կը թարմացնեն։ Գետը ուր որ երթայ՝ բոլոր կենդանիները պիտի ապրին։ Ձուկերը խիստ շատ պիտի առատանան, քանզի այս ջուրը ուր որ մտնէ՝ կը մաքրէ եւ ուր որ հոսանքը երթայ՝ հոն կեանքը պիտի ապրի։ 10 Անոր վրայ Ենգադդիէ մինչեւ Ենեգլայիմ ձկնորսներ պիտի կայնին։ Հոն ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ։ Ձուկերը տեսակ տեսակ պիտի ըլլան։ Մեծ ծովուն ձուկերուն պէս խիստ պիտի շատնան։ 11 Բայց անոր տղմալից տեղերն ու ճախինները պիտի չթարմանան, անոնք աղի համար պիտի պահուին։ 12 Ու գետին երկու եզերքները ամէն տեսակ պտղաբեր ծառեր պիտի բուսնին, որոնց տերեւը պիտի չթառամի ու պտուղը չհատնի։ Ամէն ամիս նորէն պտուղ պիտի տան, վասն զի անոր ջուրերը սրբարանէն կ’ելլեն եւ անոնց պտուղը կերակուրի համար ու տերեւները բուժարար պիտի ըլլան»։

ԵՐԿՐԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ

13 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ասոնք են սահմանները այն երկրին, որ իբր ժառանգութիւն պիտի բաժնէք Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն (Յովսէփը երկու բաժին պիտի ունենայ)։ 14 Ամէն մարդ իր եղբօրը պէս պիտի ժառանգէ, վասն զի իմ ձեռքս վերցուցի որ զանիկա ձեր հայրերուն տամ, որը դուք պիտի ժառանգէք։ 15 Ահա երկրին սահմանը՝ հիւսիսային կողմը՝ մեծ ծովէն Եթլոնի ճամբան մինչեւ Սեդադ, Եմաթ, 16 Բերոթա, Սեբրայիմ (որ Դամասկոսի ու Եմաթի միջեւ կը գտնուի) ու մինչեւ Աւրանի սահմանը եղող Ասեր–Աթթիքոնը։ 17 Այսպէս, երկրին սահմանը կ’երկարի ծովէն մինչեւ Ասար–Ենան, որ Դամասկոսի հիւսիսային սահմանն է, նաեւ Եմաթին սահմանը պիտի ըլլայ։ 18 Արեւելեան սահմանը՝ Աւրանի մէջէն ու Դամասկոսի մէջէն եւ Գաղաադի մէջէն ու Յորդանանի քով եղող Իսրայէլի երկրին մէջէն՝ մինչեւ արեւելեան ծովը։ 19 Դէպի հարաւային սահմանը՝ Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։ 20 Արեւմտեան սահմանը՝ մեծ ծովը պիտի ըլլայ, սահմանէն մինչեւ Եմաթին դէմ։

21 Այս երկիրը բաժնեցէք Իսրայէլի ցեղերուն։ 22 Զանիկա ժառանգութեան համար վիճակով բաժնեցէք թէ՛ ձեզի եւ թէ՛ ձեր մէջ բնակող ու ձեր մէջ զաւակներ ծնանող օտարականներուն։ Անոնք բնիկներու պէս պիտի ըլլան Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Անոնք ձեզի հետ ժառանգութիւն պիտի առնեն Իսրայէլի ցեղերուն պէս։ 23 Այն ցեղին մէջ որ օտարականը պանդխտացած է, անկէ անոր ժառանգութիւն պիտի տաք», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ ՑԵՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

48 1 «Ցեղերուն անունները ասոնք են։ Հիւսիսի ծայրէն՝ Եթլոնի ճամբուն քով դէպի Եմաթ երթալով՝ մինչեւ Ասար–Ենան, որ Դամասկոսի սահմանն է դէպի հիւսիս մինչեւ Եմաթի քով ու արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմուտք Դանին մէկ բաժին ըլլայ։ Դանի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Ասերին մէկ բաժին ըլլայ։ Ասերի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Նեփթաղիմին մէկ բաժին ըլլայ։ Նեփթաղիմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Մանասէին մէկ բաժին ըլլայ։ Մանասէի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Եփրեմին մէկ բաժին ըլլայ։ Եփրեմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Ռուբէնին մէկ բաժին ըլլայ։ Ռուբէնին սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Յուդային մէկ բաժին ըլլայ։

«Յուդայի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը պիտի ըլլայ այն ընծան, որ պիտի նուիրէք ու անիկա քսանըհինգ հազար եղէգ լայնութիւն եւ միւս բաժիններէն մէկուն չափ երկայնութիւն պիտի ունենայ, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը եւ սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։ Տէրոջը նուիրելու ընծանիդ քսանըհինգ հազար եղէգ երկայն ու տասը հազար եղէգ լայն պէտք է ըլլայ։ 10 Եւ սուրբ ընծան ասոնց ըլլայ, այսինքն քահանաներուն։ Հիւսիսէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ, արեւմուտքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, արեւելքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, հարաւէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ ու Տէրոջը սրբարանը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ 11 Այս բաժինը Սադովկի որդիներէն սրբուած քահանաներուն պիտի ըլլայ, որոնք իմ պահպանութիւնս ըրին։ Ու երբ Իսրայէլի որդիները մոլորեցան, անոնք չմոլորեցան, ինչպէս Ղեւտացիները մոլորեցան։ 12 Երկրին ընծայէն՝ այս ընծան անոնց համար ամենասուրբ պիտի ըլլայ՝ Ղեւտացիներու սահմանին քով։

13 Քահանաներուն սահմանին քով Ղեւտացիներուն բաժինը պէտք է ըլլայ քսանըհինգ հազար եղէգ երկայն ու տասը հազար եղէգ՝ լայն։ Բոլոր երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար ըլլայ։ 14 Անկէ պէտք չէ ծախեն ու փոխեն ու երկրին երախայրին ուրիշի վրայ պէտք չէ դարձնեն, վասն զի անիկա Տէրոջը նուիրուած է։

15 «Քսանըհինգ հազարին քով լայնութենէն մնացած հինգ հազարը անսուրբ պիտի ըլլայ՝ քաղաքին համար, բնակութեան համար ու արուարձաններուն համար եւ քաղաքը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ 16 Անոր չափերը ասոնք ըլլան՝ հիւսիսային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ հարաւային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ արեւելեան կողմը չորս հազար հինգ հարիւր ու արեւմտեան կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ։ 17 Եւ քաղաքին արուարձանը դէպի հիւսիս՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի հարաւ՝ երկու հարիւր յիսուն եւ դէպի արեւելք՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի արեւմուտք՝ երկու հարիւր յիսուն եղէգ պէտք է ըլլայ։ 18 Եւ սուրբ ընծային քով երկայնութենէն մնացած դէպի արեւելք՝ տասը հազարը ու դէպի արեւմուտք՝ տասը հազարը (որ սուրբ ընծային քով է), անոր բերքը քաղաքին ծառայութիւն ընողներուն կերակուր պիտի ըլլայ։ 19 Եւ քաղաքին ծառայութիւնը ընողները Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն պիտի ըլլան։

20 Բոլոր ընծան քսանըհինգ հազարով քսանըհինգ հազար քառակուսի ըլլալու է՝ սուրբ ընծայ քաղաքին կալուածին հետ։

21 «Սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն մնացածը իշխանին պիտի ըլլայ։ Նուիրուած քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւելեան սահմանը ու դէպի արեւմուտք քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւմտեան սահմանը ցեղերուն բաժիններուն քով իշխանին պիտի ըլլայ։ Ասիկա պիտի ըլլայ սուրբ ընծան ու տաճարին սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։ 22 Իշխանին բաժինին մէջտեղը եղող Ղեւտացիներուն կալուածէն ու քաղաքին կալուածէն դուրս՝ Յուդայի սահմանին ու Բենիամինի սահմանին մէջտեղը իշխանինը պիտի ըլլայ։

ՈՒՐԻՇ ՑԵՂԵՐՈՒ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ

23 «Մնացած ցեղերուն՝ արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Բենիամինին մէկ բաժին ըլլայ։ 24 Ու Բենիամինի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Շմաւոնին մէկ բաժին ըլլայ։ 25 Եւ Շմաւոնի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Իսաքարին մէկ բաժին ըլլայ։ 26 Ու Իսաքարի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Զաբուղոնին մէկ բաժին ըլլայ։ 27 Եւ Զաբուղոնի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Գադին մէկ բաժին ըլլայ։ 28 Ու Գադի սահմանին քով հարաւային կողմը դէպի հարաւ երկրին սահմանը, Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։ 29 «Այս է այն երկիրը, որ Իսրայէլի ցեղերուն վիճակով պիտի բաժնէք ժառանգութեան համար ու անոնց բաժինները ասոնք են», կ’ըսէ Տէր Եհովան։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԴՌՆԵՐԸ

30 «Քաղաքին ելքերը ասոնք են. Հիւսիսային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով 31 (Ու քաղաքին դռները Իսրայէլի ցեղերուն անուններուն համեմատ պիտի ըլլան). երեք դուռ դէպի հիւսիս. մէկ դուռ Ռուբէնին, մէկ դուռ Յուդային ու մէկ դուռ Ղեւիին 32 Եւ արեւելեան կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Յովսէփին, մէկ դուռ Բենիամինին ու մէկ դուռ Դանին 33 Եւ հարաւային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով, երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Շմաւոնին, մէկ դուռ Իսաքարին ու մէկ դուռ Զաբուղոնին. 34 Արեւմտեան կողմէն ալ չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Գադին, մէկ դուռ Ասերին ու մէկ դուռ Նեփթաղիմին։ 35 Բոլոր շրջապատը տասնըութ հազար չափ պիտի ըլլայ ու այն օրէն քաղաքին անունը Եհովաշամա պիտի ըլլայ»։