ԱՌԱՋԻՆ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ

ԱՌԱՋԻՆ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ

1 1 Պօղոս եւ Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԸ

Կը գոհանանք Աստուծմէ ամէն ատեն ձեր ամենուն համար՝ ձեզ յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ. Անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը առջեւ։ Գիտցէ՛ք, սիրելի եղբայրներ, թէ Աստուած ձեզ ընտրեց Եւ մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ, ինչպէս գիտէք ալ թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ ձեզի համար։ Դուք ալ՝ մեզի ու Տէրոջը նմանելով ընդունեցիք խօսքը շատ նեղութեան մէջ Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնովը։ Այնպէս որ դուք օրինակ եղաք բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ են։ Վասն զի ձեզմէ հռչակուեցաւ Տէրոջը խօսքը, ո՛չ միայն Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ, հապա նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ ձեր հաւատքը, որ ունիք Աստուծոյ վրայ, այնպէս որ ա՛լ պէտք չունինք բան մը խօսելու։ Քանզի իրենք կը պատմեն մեզի համար, թէ ի՛նչպէս մեզ ընդունեցիք եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու 10 Եւ սպասելու անոր Որդիին՝ երկնքէն գալուն, որ ինք մեռելներէն յարուցանեց, այսինքն Յիսուսը, որ կ’ազատէ մեզ գալու բարկութենէն։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԳՈՐԾԸ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ

2 1 Եղբա՛յրներ, դուք ձեզմէ գիտէք թէ ձեր մէջ մտնելնիս՝ պարապ տեղը չեղաւ. Հապա առաջ Փիլիպպէի մէջ չարչարանք կրելէ ու անարգուելէ վերջ համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ։ Վասն զի մեր յորդորանքը ո՛չ մոլորութենէ է ու ո՛չ պղծութենէ եւ ո՛չ խաբէութեամբ. Հապա ինչպէս մենք Աստուծմէ ընտրուեցանք ու աւետարանը մեզի ինչպէս վստահուեցաւ այնպէս կը խօսինք, ո՛չ թէ մարդոց հաճոյ ըլլալու համար, հապա Աստուծոյ՝ որ մեր սրտերը կը քննէ։ Մենք բնաւ շողոքորթութեան խօսքեր չգործածեցինք, ինչպէս գիտէք, ո՛չ ալ ագահութենէ թելադրուած, Աստուած վկայ է։ Մարդոցմէ փառք չփնտռեցինք, ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն, 2։7 Թէեւ կրնայինք իբրեւ Քրիստոսին առաքեալներ ծանրութիւն ըլլալ, բայց մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։ 2։8 Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ, նոյնպէս մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք։ Կը յիշէք, ե՛ղբայրներ, մեր աշխատութիւնը ու ջանքը, որ ձեզմէ մէկուն նեղութիւն չտալու համար գիշեր ու ցորեկ գործեցինք, ձեզի Աստուծոյ աւետարանը քարոզեցինք։ 10 Դուք վկայ էք եւ Աստուած ալ՝ թէ ի՛նչպէս սրբութիւնով ու արդարութիւնով եւ անարատութիւնով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ հաւատացիք. 11 Ինչպէս գիտէք, ձեզմէ ամէն մէկը՝ ինչպէս հայր մը իր որդիները, 12 Այնպէս կը յորդորէինք ու կը մխիթարէինք եւ կը վկայէինք, որպէս զի դուք Աստուծոյ հաճելի եղածին պէս քալէք, որ ձեզ իր թագաւորութեանը ու փառքին կանչեց։ 13 Ասոր համար մենք ալ անդադար կը գոհանանք Աստուծմէ, որ մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք, որ նաեւ կը ներգործէ ձեր մէջ, որուն կը հաւատաք։ 14 Քանզի դուք, եղբա՛յրներ, նմանեցաք Աստուծոյ այն եկեղեցիներուն, որոնք Հրէաստանի մէջ են Քրիստոս Յիսուսով. վասն զի դուք ալ նոյն չարչարանքները կրեցիք ձեր համազգիներէն, ինչպէս անոնք ալ՝ Հրեաներէն. 15 Որոնք Տէր Յիսուսն ալ մեռցուցին՝ մարգարէներն ալ եւ մեզ հալածեցին ու Աստուծոյ՝ անհաճոյ եւ բոլոր մարդոց հակառակ են։ 16 Մեզի կ’արգիլեն հեթանոսներուն խօսիլ՝ անոնց փրկութեանը համար, որպէս զի իրենց մեղքերուն չափը լեցնեն ամէն ատեն եւ բարկութիւնը անոնց վրայ հասեր է մինչեւ վերջանալը։

ՊՕՂՈՍ ԿՐԿԻՆ ԱՅՑԵԼԵԼ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ

17 Իսկ մենք, եղբա՛յրներ, իրաւ քիչ մը ատեն ձեզմէ որբ մնացինք երեսով ու ո՛չ թէ սրտով, բայց աւելի ջանացինք ձեր երեսը տեսնել մեծ փափաքով։ 18 Անոր համար ես՝ Պօղոսս՝ մէկ երկու անգամ ուզեցի ձեզի գալ, բայց Սատանան արգիլեց։ 19 Քանզի ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու ատենը։ 20 Որովհետեւ դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը։

3 1 Վերջապէս՝ ա՛լ չկրնալով աւելի համբերել, աղէկ երեւցաւ որ ես առանձինն Աթէնք մնամ, Բայց Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը ու Աստուծոյ պաշտօնեան եւ մեր գործակիցը Քրիստոսին աւետարանին մէջ՝ ղրկենք ձեզ հաստատելու ու մխիթարելու ձեր հաւատքին համար. Որպէս զի այս նեղութիւններուն մէջ ձեզմէ մէ՛կը չխախտի. վասն զի դուք ինքնիրեննիդ գիտէք թէ մենք ատոնց համար կեցեր ենք։ Քանզի երբ մենք ձեր քով էինք, սկիզբէն ձեզի կ’ըսէինք թէ նեղութիւններու պիտի հանդիպինք, ինչպէս եղաւ ալ ու գիտէք։ Ասոր համար ես ալ չկրնալով աւելի համբերել, մարդ ղրկեցի ձեր հաւատքը գիտնալու, որ չըլլայ թէ փորձողը ձեզ փորձած ըլլայ եւ մեր աշխատութիւնը պարապ ըլլայ։ Բայց հիմա երբ Տիմոթէոս ձեզմէ մեզի եկաւ ու ձեր հաւատքին եւ սիրոյն աւետիսը մեզի տուաւ, որ ամէն ժամանակ մեր բարի յիշատակը մտքերնիդ պահեր էք եւ կը փափաքիք մեզ տեսնել, ինչպէս մենք ալ՝ ձեզ, Ասոր համար, եղբա՛յրներ, մխիթարուեցանք մեր բոլոր վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ ձեր հաւատքովը։ Վասն զի կենդանի կ’ըլլանք՝ եթէ դուք հաստատուն կենաք Տէրոջմով. Քանզի ի՞նչ գոհութիւն կրնանք մատուցանել Աստուծոյ ձեզի համար եւ այն ամէն ուրախութեանը համար, որ կ’ուրախանանք ձեզի համար մեր Աստուծոյն առջեւ 10 Եւ գիշեր ու ցորեկ խիստ շատ աղաչանք կ’ընենք ձեր երեսը տեսնելու ու ձեր հաւատքին պակասութիւնները լեցնելու համար։ 11 Թող Աստուած ինք՝ մեր Հայրը ու մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ուղղէ ձեզի գալու մեր ճամբան։ 12 Տէրը աճեցնէ ու աւելցնէ ձեր սէրը իրարու վրայ եւ ամենուն վրայ, ինչպէս մենք ալ ձեր վրայ ունինք, 13 Հաստատելով ձեր սրտերը անարատ սրբութեամբ՝ Աստուծոյ եւ մեր Հօրը առջեւ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ իր բոլոր սուրբերուն հետ՝ գալու ատենը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՃԵԼԻ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

4 1 Ալ հիմա, եղբա՛յրներ, ձեզի կ’աղաչենք ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որ ինչպէս մեզմէ սորվեցաք այնպէս քալէք ու Աստուծոյ հաճոյ ըլլաք, ա՛լ աւելի յառաջանաք անոր մէջ։ Քանզի գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսով։ Վասն զի Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ. Ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել. Ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները, որոնք Աստուած չեն ճանչնար։ Չըլլայ որ այդ բանին մէջ չափէ անցնի մէկը ու իր եղբայրը զրկէ, վասն զի Տէրը այդ բոլոր բաներուն համար վրէժխնդիր է. ինչպէս նախապէս ըսինք ձեզի ու վկայութիւն տուինք։ Վասն զի Աստուած մեզ պղծութեան չկանչեց, հապա սրբութեան։ Ուստի ան որ կ’անարգէ՝ ոչ թէ մարդ մը կ’անարգէ, հապա Աստուած՝ որ իր Սուրբ Հոգին ալ մեզի տուաւ։

Բայց եղբայրսիրութեան մասին պէտք չէ ձեզի բան գրել, վասն զի դուք Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել 10 Եւ արդէն կը սիրէք դուք Մակեդոնիայի մէջ եղող բոլոր եղբայրները, սակայն կ’աղաչենք ձեզի, եղբա՛յրներ, որ ա՛լ աւելի առատանաք 11 Եւ ջանաք հանդարտ կենալ ու ամէն մէկդ իր գործը գործէ ու ձեր ձեռքերովը աշխատիք, ինչպէս ձեզի պատուիրեցինք, 12 որպէս զի դուրսիններուն հետ պարկեշտութեամբ վարուիք ու բանի մը կարօտ չըլլաք։

13 4։12 Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով, որպէս զի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին։

ՏԷՐՈՋԸ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

14 4։13 Քանզի եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ։ 15 4։14 Վասն զի ասիկա կ’ըսեմ ձեզի՝ Տէրոջը խօսքովը, եթէ մենք մինչեւ Տէրոջը գալուստը ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք։ 16 4։15 Վասն զի Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն ու Աստուծոյ փողովը երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ 17 4։16 Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ եւ այնպէս յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք։ 18 4։17 Ուստի մէկզմէկ մխիթարեցէք այս խօսքերով։

ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԷՔ

5 1 Բայց այն ժամերուն ու ժամանակներուն համար, եղբա՛յրներ, պէտք չէ բան մը գրել ձեզի. Քանզի դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին։ Բայց դո՛ւք, եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի։ Վասն զի դուք ամէնքդ լուսոյ որդիներ էք ու ցորեկուան որդիներ։ Մենք գիշերուանը չենք, խաւարինը չենք։ Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք։ Քանզի անոնք որ կը քնանան՝ գիշերը կը քնանան եւ անոնք որ կ’արբենան՝ գիշերը կ’արբենան։ Բայց մենք, որովհետեւ ցորեկուանն ենք, զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք։ Վասն զի Աստուած մեզ բարկութեան համար չորոշեց, հապա փրկութիւն ստանալու համար մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, 10 Որ մեզի համար մեռաւ, որպէս զի թէ՛ արթուն ըլլանք եւ թէ՛ քնանանք, իրեն հետ մէկտեղ ապրինք։ 11 Անոր համար մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք։

ՎԵՐՋԻՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐԸ ԵՒ ԲԱՐԵՒՆԵՐԸ

12 Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, որ յարգէք ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները։ 13 Զանոնք մեծ սիրով պատուեցէք իրենց գործին համար։ Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք։ 14 Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք։ 15 Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէ մէկուն. հապա ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ եղէք թէ՛ իրարու եւ թէ՛ ամենուն։ 16 Ամէն ատեն ուրախ եղէ՛ք։ 17 Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։ 18 Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք. վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիստոս Յիսուսով ձեր վրայ։ 19 Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք։ 20 Մարգարէութիւնները մի՛ արհամարհէք։ 21 Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին ամուր բռնեցէ՛ք։ 22 Ամէն տեսակ գէշ բաներէ ե՛տ կեցէք։ 23 Եւ ինքը՝ խաղաղութեան Աստուածը՝ ձեզ բոլորովին սուրբ ընէ ու ձեր բոլոր հոգին եւ շունչը ու մարմինը անարատ պահուի մինչեւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալու ատենը։ 24 Հաւատարիմ է ան որ ձեզ կանչեց, որ պիտի կատարէ ալ։

25 Եղբա՛յրներ, աղօթք ըրէք մեզի համար։ 26 Բարեւ տուէ՛ք բոլոր եղբայրներուն սուրբ համբոյրով։ 27 Կ’երդմնցնեմ ձեզ Տէրոջմով, որ այս թուղթը բոլոր սուրբ եղբայրներուն կարդաք։ 28 Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Ամէն։