ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ

ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ

1 1 Պօղոս եւ Տիմոթէոս, Յիսուս Քրիստոսին ծառաները, Քրիստոս Յիսուսով բոլոր սուրբերուն, որոնք Փիլիպպէի կողմերն են՝ եպիսկոպոսներով ու սարկաւագներով. Շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

ՊՕՂՈՍ Կ’ԱՂՕԹԷ ԻՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Կը գոհանամ իմ Աստուծմէս ամէն անգամ որ ձեզ կը յիշեմ, Միշտ ամէն խնդրուածքիս մէջ ձեր ամենուն համար ուրախութեամբ աղօթք կ’ընեմ, Աւետարանին հաղորդ ըլլալնուդ համար առաջին օրէն մինչեւ հիմա. Այս մասին վստահ ըլլալով՝ թէ ան որ ձեր մէջ բարի գործ մը սկսաւ, մինչեւ Յիսուս Քրիստոսին օրը պիտի կատարէ։ Կ’արժէ որ ձեր ամենուն մասին այսպէս խորհիմ՝ ձեզ իմ սրտիս մէջ ունենալուս համար իմ կապերուս մէջ եւ աւետարանին ջատագովութեանը ու հաստատութեանը մէջ եւ ամէնքդ ինծի եղած շնորհքին հաղորդ ըլլալնուդ համար։ Քանզի վկայ է Աստուած, որ շատ փափաքներ ունիմ ձեր ամենուն համար Քրիստոս Յիսուսին գութովը։ Եւ կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ գիտութիւնով ու իմաստութիւնով, 10 Որպէս զի դուք լաւ բաները ընտրէք, որպէս զի մինչեւ Քրիստոսին օրը անկեղծ եւ առանց գայթակղութեան ըլլաք. 11 Արդարութեան պտուղներով լեցուած Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովեստին համար։

ԱՊՐԻԼԸ ՔՐԻՍՏՈՍ Է

12 Կ’ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, թէ ինչ որ ինծի պատահեցաւ՝ ա՛լ աւելի աւետարանին յառաջդիմութեանը պատճառ եղաւ. 13 Նոյնիսկ իմ կապերս, որոնք Քրիստոսին համար են, բոլոր պալատին մէջ եւ ամենուն ալ յայտնի եղան։ 14 Եւ Տէրոջմով եղբայրներէն շատերը սիրտ առին իմ կապերէս եւ ա՛լ աւելի համարձակեցան Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի։ 15 Ոմանք նախանձէ ու հակառակութենէ եւ ոմանք բարեսիրութենէ շարժեալ՝ Քրիստոսը կը քարոզեն. 16  Անոնք հակառակութեան համար Քրիստոսը կը պատմեն, ո՛չ թէ անկեղծութեամբ, կարծելով թէ վիշտ կ’աւելցնեն իմ կապերուս վրայ։ 17 Իսկ ասոնք սիրոյ համար, վասն զի գիտեն թէ ես աւետարանին համար պատասխան տալու կեցեր եմ։ 18 Բայց հոգ չէ, որ կերպով ալ ըլլայ, թէ՛ պատրուակով եւ թէ՛ ճշմարտութիւնով, կը բաւէ որ Քրիստոսը քարոզուի։ Ասոր համար ուրախ եմ եւ ուրախ ալ պիտի ըլլամ։ 19 Քանզի գիտեմ որ ասոր վախճանը իմ փրկութեանս համար պիտի ըլլայ ձեր աղօթքներով ու Յիսուս Քրիստոսին Հոգիին օգնութիւնովը, 20 Իմ եռանդուն ակնկալութեանս ու իմ յոյսիս համեմատ, որ բանո՛վ մը ամօթով պիտի չըլլամ. հապա կատարեալ համարձակութիւնով ինչպէս ամէն ատեն՝ նոյնպէս ալ հիմա Քրիստոս իմ մարմնիս մէջ պիտի փառաւորուի՝ թէ՛ ապրելովս եւ թէ՛ մեռնելովս։ 21 Վասն զի ինծի համար՝ ապրիլը Քրիստոս է ու մեռնիլը՝ օգուտ։ 22 Եթէ մարմնի մէջ ապրիլս իմ գործիս պտուղ կը բերէ, ալ չեմ գիտեր ո՞րը ընտրեմ։ 23 Երկու կողմանէ նեղը մնացած եմ, մեկնելու ու Քրիստոսին հետ ըլլալու փափաք ունենալով. թէեւ վերջինը շատ աղէկ է, 24 Բայց մարմնի մէջ կենալը ձեզի համար աւելի հարկաւոր է։ 25 Այս բանին համոզուած ըլլալով՝ գիտեմ թէ ձեր ամենուն հետ պիտի կենամ ու մնամ, որպէս զի դուք զարգանաք եւ ուրախ ըլլաք հաւատքով. 26 Որպէս զի ձեր պարծանքը իմ վրայովս աւելի ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով՝ իմ նորէն ձեզի գալուս պատճառով։

27 Միայն թէ Քրիստոսին աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուեցէք. որպէս զի եթէ գամ ու ձեզ տեսնեմ եւ կամ հեռու ըլլամ, ձեր վրայովը լսեմ թէ դուք հաստատուն կը կենաք մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից կ’ըլլաք աւետարանին հաւատքին համար։ 28 Բանով մըն ալ մի՛ զարհուրիք հակառակորդներէն, որ անոնց կորուստին ապացոյցն է ու ձեզի՝ փրկութեան. 29 Այն ալ Աստուծմէ է. վասն զի ձեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսին համար՝ ո՛չ թէ միայն անոր հաւատալ, հապա անոր համար չարչարուիլ ալ, 30 Նոյն պատերազմը մղելով, որ իմ մէջս տեսաք ու հիմա իմ վրայովս կը լսէք։

ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ

2 1 Արդ՝ եթէ Քրիստոսով մխիթարութիւն մը կայ, եթէ սիրոյ սփոփանք մը, եթէ Հոգիի հաղորդութիւն մը, եթէ գթութիւն ու ողորմութիւն մը, Իմ ուրախութիւնս դո՛ւք լեցուցէք, նոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք, միեւնոյն սէրը ձեր մէջ ունենալով, մէ՛կ շունչ, մէ՛կ մտածում։ Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ։ Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր. Որ Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը. Հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։ Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. 10 Որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ 11 Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար։

ԼՈՅՍԻ ՊԷՍ ՓԱՅԼԻԼ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ

12 Ուստի, իմ սիրելիներս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք՝ ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս, հապա ա՛լ աւելի հիմա, իմ բացակայութեանս ատեն, ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք. 13 Վասն զի Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար։ 14 Ամէն բան առանց տրտունջներու ու վիճաբանութիւններու ըրէք. 15 Որպէս զի ըլլաք անբիծ ու անարատ, Աստուծոյ որդիներ առանց մեղադրանքի, կամակոր ու խոտորեալ ազգին մէջ, որոնց մէջ դուք լուսաւորներու պէս կը փայլիք աշխարհի մէջ, 16 Կենաց խօսքը ամուր բռնելով, որպէս զի կարենամ պարծենալ Քրիստոսին օրը, թէ պարապ տեղ չեմ քալած ու պարապ տեղ չեմ աշխատած։ 17 Թէպէտեւ ձեր հաւատքին իբր պատարագ ու զոհ ընծայուիմ, կ’ուրախանամ եւ ձեր ամենուն ուրախակից կ’ըլլամ. 18 Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք ու ինծի ուրախակից եղէ՛ք։

ՏԻՄՈԹԷՈՍ ԵՒ ԵՊԱՓՐՈԴԻՏՈՍ

19 Արդ՝ կը յուսամ Տէր Յիսուսով թէ Տիմոթէոսը ձեզի պիտի ղրկեմ, որպէս զի սիրտս ալ հանգչի, երբ ձեր վիճակը գիտնամ։ 20 Վասն զի անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։ 21 Քանզի ամէնքը իրենցը կը փնտռեն՝ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը։ 22 Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց։ 23 Ուստի մտադիր եմ զինք ձեզի ղրկել՝ որքան շուտ որ վիճակս յայտնի ըլլայ։ 24 Բայց վստահութիւն ունիմ Տէրոջմով որ ես ալ քիչ ատենէն պիտի գամ։ 25 Բայց հարկաւոր սեպեցի հիմա ձեզի ղրկել Եպափրոդիտոս իմ եղբայրս եւ գործակիցս ու զինակիցս, որ դուք ղրկած էիք իմ պէտքերուս ծառայելու։ 26 Որովհետեւ ինք ալ շատ կարօտցած էր ձեզ ամէնքդ [տեսնելու] ու կը ցաւէր, որ դուք լսած էիք թէ ինք հիւանդացած է։ 27 Արդարեւ, ինք մահամերձ հիւանդացաւ, բայց Աստուած ողորմեցաւ անոր. ո՛չ միայն անոր՝ հապա ինծի ալ, որպէս զի տրտմութեան վրայ տրտմութիւն չունենամ։ 28 Ասոր համար աւելի փութով ղրկեցի, որպէս զի դուք զանիկա տեսնելով նորէն ուրախանաք ու ես չտրտմիմ։ 29 Ուրեմն ուրախութեամբ ընդունեցէք զանիկա Տէրոջմով ու այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք. 30 Քանզի Քրիստոսին գործին համար մինչեւ մահուան մօտեցաւ՝ իր կեանքը վտանգի մէջ ձգելով, որպէս զի ինծի ծառայէ ձեր փոխարէն։

ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

3 1 Ասկէ ետքը, եղբա՛յրներս, ուրախ եղէք Տէրոջմով։ Նոյն բաները ձեզի գրել ինծի ձանձրութիւն չէ, բայց ձեզի ապահովութիւն է։ Զգուշացէ՛ք շուներէն, զգուշացէ՛ք չար մշակներէն, զգուշացէք թլփատութենէն, Վասն զի թլփատութիւնը մենք ենք, որ հոգիով Աստուած կը պաշտենք ու կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսով եւ մարմնի վրայ չէ վստահութիւննիս։ Թէպէտ ես ալ նոյն վստահութիւնը ունիմ մարմնի վրայ։ Եթէ ուրիշ մէկը կը կարծէ թէ վստահութիւն ունի մարմնի վրայ, ա՛լ աւելի ես. Ութը օրուան թլփատուած, Իսրայէլի ազգէն, Բենիամինի ցեղէն, Եբրայեցի՝ Եբրայեցիներէն, օրէնքին նայելով՝ փարիսեցի. Նախանձախնդիր ըլլալու կողմանէ՝ եկեղեցին կը հալածէի. օրէնքին արդարութեանը կողմանէ՝ անարատ էի։ Բայց ինչ որ ինծի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցի։ Եւ իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ Ու իր մէջ գտնուիմ, ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս ունենամ՝ որ օրէնքէն է, հապա Քրիստոսին հաւատքովը եղած արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէն է հաւատքով։ 10 Որպէս զի ճանչնամ զանիկա եւ անոր յարութեանը զօրութիւնը ու անոր չարչարանքներուն հաղորդ ըլլամ, անոր մահուան կերպարանքը առնելով. 11 Որպէս զի մեռելներուն յարութեանը հասնիմ։

ՎԱԶՔ ԴԷՊԻ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏ

12 Ոչ թէ ես արդէն առեր եմ, կամ արդէն կատարեալ եղեր եմ, հապա ետեւէն ինկած եմ որ բռնեմ մրցանակը, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէն։ 13 Եղբա՛յրներ, ես չեմ սեպեր թէ բռներ եմ։ Բայց յիշեցնեմ թէ ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. 14 Նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ։ 15 Ուստի մենք ամէնքս՝ որ կատարեալ ենք՝ ասիկա խորհինք եւ եթէ բան մը ուրիշ կերպով խորհելու ըլլաք, զայն ալ Աստուած ձեզի պիտի յայտնէ։ 16 Միայն թէ ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք։ 17 Ինծի նմանող եղէ՛ք, եղբա՛յրներ ու նայեցէք անոնց որ այնպէս կը քալեն, ինչպէս որ մեզ ձեզի օրինակ ունիք։ 18 Վասն զի շատեր կը քալեն, որոնց համար շատ անգամ ձեզի կ’ըսէի եւ հիմա լալով ալ կը խօսիմ, այսինքն Քրիստոսին խաչին թշնամիներուն համար. 19 Որոնց վերջը կորուստ է, որոնց աստուածը իրենց որովայնն է ու անոնց փառքը իրենց ամօթն է, որոնք միայն երկրաւոր բաներուն վրայ կը մտածեն։ 20 Բայց մեր քաղաքականութիւնը երկինքն է, ուրկէ կը սպասենք Փրկչին, Տէր Յիսուս Քրիստոսին, 21 Որ պիտի նորոգէ մեր խոնարհ մարմինը՝ իր փառաւոր մարմնին կերպարանակից ըլլալու, այն զօրութիւնովը որ կարող է ամէնքը իրեն հնազանդեցնել։

ՅՈՐԴՈՐԱՆՔՆԵՐ

4 1 Իմ սիրելի ու բաղձալի եղբա՛յրներս, իմ ուրախութիւնս ու պսակս, այսպէս հաստատո՛ւն կեցէք Տէրոջմով, սի՛րելիներս։

Եւոդիային կ’աղաչեմ ու Սիւնտիքին կ’աղաչեմ, որ միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով։ Իրաւ քեզի՛ ալ կ’աղաչեմ, իմ հարազատ լծակիցս, դո՛ւն ալ օգնական եղիր անոնց, որոնք ինծի հետ աշխատեցան աւետարանին մէջ Կղեմէսին եւ միւս գործակիցներուս հետ, որոնց անունները կենաց գրքին մէջ են։ Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։ Ձեր քաղցրութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ. Տէրը մօտ է։ Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։ Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք։ Ինչ որ սորվեցաք ու առիք եւ լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս, զա՛յն ըրէք եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԸՆԾԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

10 Մեծապէս ուրախացայ Տէրոջմով, որ իմ վրաս ունեցած հոգերնիդ հիմա նորոգուեցաւ, ինչպէս կը հոգայիք ալ, միայն թէ պատեհութիւն չունէիք։ 11 Ոչ թէ կարօտութեան համար կ’ըսեմ. վասն զի ես սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակիս մէջ։ 12 Գիտեմ չքաւորութիւն քաշելը, գիտեմ շատը ունենալը ամէն բանի մէջ ամէն կերպով աղէկ սորվեր եմ թէ՛ կշտանալը, թէ՛ անօթենալը, թէ՛ շատ ունենալը եւ թէ՛ պակասութիւն քաշելը։ 13 Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց։ 14 Բայց աղէկ ըրիք որ իմ նեղութեանս մէջ ինծի օգնեցիք։ 15 Դուք ալ գիտէք, Փիլիպպեցիներ, որ երբ աւետարանին սկիզբը ես Մակեդոնիայէն ելայ, եկեղեցի մըն ալ ինծի չօգնեց տալու եւ առնելու կողմէ, հապա միայն դուք. 16 Որ մէկ երկու անգամ ինծի պէտք եղածը Թեսաղոնիկէ ղրկեցիք։ 17 Ո՛չ թէ ես տուրք կը փնտռեմ, հապա պտուղ կը փնտռեմ, որ ձեր հաշիւին վրայ աւելնայ։ 18 Բայց ես ամէն բան առած եմ ու առատօրէն ունիմ. լեցուած եմ Եպափրոդիտոսի ձեռքով ձեր ղրկածները ընդունելով, որ անոյշ հոտ մըն է, ընդունելի պատարագ, Աստուծոյ հաճելի։ 19 Եւ իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ իր ճոխութեանը չափովը, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։ 20 Արդ՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ

21 Բարեւ ըրէք բոլոր սուրբերուն Յիսուս Քրիստոսով։ 4։22 Ձեզի բարեւ կ’ընեն ինծի հետ եղող եղբայրները։ 22 4։23 Ձեզի բարեւ կ’ընեն բոլոր սուրբերը, մանաւանդ անոնք որ Կայսրին տունէն են։ 23 4։24 Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։