ԱՌԱՋԻՆ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

ԱՌԱՋԻՆ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ ըլլալու կանչուած ու Սոսթենէս եղբայրը, Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին, Քրիստոս Յիսուսով սրբուածներուն, սուրբեր ըլլալու կանչուածներուն, այն ամենուն հետ որ ամէն տեղ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը կը կանչեն, իրենցը ու մերը. Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամէն ատեն իմ Աստուծմէս ձեզի համար կը գոհանամ իր շնորհքին համար, որ ձեզի տրուած է Քրիստոս Յիսուսով. Որ դուք անով ամէն բանի մէջ հարստացաք ամէն խօսքով ու ամէն գիտութիւնով Ինչպէս Քրիստոսին վկայութիւնը ձեր մէջ հաստատուեցաւ. Որպէս զի ձեզի ոեւէ շնորհք չպակսի՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելուն սպասելով. Որ նաեւ ձեզ պիտի հաստատէ մինչեւ վերջը՝ որ անարատ ըլլաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին օրը։ Հաւատարիմ է Աստուած, որով կանչուեցաք հաղորդակից ըլլալու իր Որդիին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին։

ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԷՋ ԲԱԺԱՆՈՒՄ

10 Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ու երկպառակութիւններ չըլլան ձեր մէջ. հապա դուք մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլաք։ 11 Վասն զի ձեզի համար ինծի լուր հասաւ, եղբայրնե՛ր, Քղուէի տունէն եղողներէն, թէ ձեր մէջ հակառակութիւններ կան։ 12 Հիմա այս կ’ըսեմ ձեզի, որպէս թէ ձեզմէ մէկը կ’ըսէ թէ՝ «Ես Պօղոսեան եմ» ու միւսը՝ թէ «Ես Ապօղոսեան եմ» եւ ուրիշը՝ թէ «Ես՝ Կեփասեան», ու միւսը՝ թէ «Ես՝ Քրիստոսեան»։ 13 Միթէ Քրիստոս բաժնուա՞ծ է. միթէ Պօղո՞ս խաչը ելաւ ձեզի համար, կամ թէ Պօղոսի՞ն անունով մկրտուեցաք։ 14 Կը գոհանամ Աստուծմէն, որ ձեզմէ մէ՛կը չմկրտեցի, միայն Կրիսպոսը եւ Գայիոսը. որպէս զի ոչ ոք ըսէ՝ 15 Թէ իմ անունովս մկրտուած է։ 16 Ստեփանէսին ընտանիքն ալ մկրտեցի։ Ա՛լ ուրիշ մէկը չեմ յիշեր ամենեւին թէ մկրտեցի։

17 Վասն զի Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, հապա աւետարանը քարոզելու. բայց ոչ խօսքերու ճարտարութիւնով, որպէս զի Քրիստոսին խաչը ոչինչ չըլլայ։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՅԺԸ

18 Քանզի խաչին քարոզութիւնը կորսուածներուն յիմարութիւն է, բայց մեզի փրկուածներուս Աստուծոյ զօրութիւնն է։ 19 Վասն զի գրուած է. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ ու հանճարեղներուն հանճարը պիտի խափանեմ»։ 20 Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը։ 21 Քանզի Աստուած հաճեցաւ քարոզութեան յիմարութիւնով ապրեցնել, ուստի աստուածային իմաստութեամբ չթոյլատրեց որ աշխարհային իմաստութեամբ մարդ Աստուած ճանչնայ։ 22 Վասն զի Հրեաները նշան կ’ուզեն եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն. 23 Իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, ինչ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն ու Յոյներուն յիմարութիւն է։ 24 Բայց անոնց որ կանչուած են, թէ՛ Հրեայ եւ թէ՛ Յոյն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնն է։ 25 Վասն զի Աստուծոյ յիմարը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է եւ Աստուծոյ տկարը մարդոցմէ աւելի զօրաւոր է։ 26 Արդարեւ, դուք ձեր կոչումը կը տեսնէք, ե՛ղբայրներ, որ ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ եւ ոչ թէ շատ զօրաւորներ եւ ոչ թէ շատ ազնուականներ կանչուեցան. 27 Բայց Աստուած աշխարհիս յիմարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները. 28 Եւ աշխարհիս ցածազգիներն ու անարգները ընտրեց եւ ոչինչները, որպէս զի անոնք որ բան մը ըլլալ կը կարծեն, խափանէ. 29 Որ մարմին մը չպարծի Աստուծոյ առջեւ։ 30 Դուք անկէ էք Քրիստոս Յիսուսով, որ մեզի Աստուծմէ իմաստութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն եւ փրկութիւն եղաւ. 31 Որպէս զի, ինչպէս գրուած է. «Ան որ կը պարծենայ Տէրոջմով թող պարծենայ»։

ՊԱՏԳԱՄ ԽԱՉԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՍԻՆ

2 1 Ե՛ղբայրներ, ձեզի խօսքի կամ իմաստութեան գերազանցութիւնով մը Աստուծոյ վկայութիւնը յայտնելու չեկայ։ Վասն զի միտքս չդրի ձեր մէջ ուրիշ բան մը գիտնալ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը ու այն խաչը ելած։ Եւ ես տկարութիւնով ու վախով եւ շատ դողով ձեր քով կեցայ. Ու իմ խօսքս եւ քարոզութիւնս ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով էր, հապա Հոգիին համոզիչ զօրութիւնով։ Որպէս զի ձեր հաւատքը մարդոց իմաստութիւնովը չըլլայ, հապա Աստուծոյ զօրութիւնովը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

Սակայն կատարեալներուն հետ իմաստութեան մասին կը խօսինք, բայց ո՛չ թէ աշխարհի իմաստութեան եւ ո՛չ այս աշխարհի մահկանացու իշխաններուն, Հապա Աստուծոյ ծածուկ իմաստութեան մասին կը խօսինք խորհրդով, որ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ սահմանեց Աստուած մեր փառքին համար. Որ այս աշխարհի իշխաններէն մէ՛կը չճանչցաւ. քանզի եթէ ճանչցած ըլլային, ա՛լ փառքերուն Տէրը խաչը չէին հաներ. Հապա ինչպէս գրուած է. «Այն բաները որոնք աչք չէ տեսեր եւ ականջ չէ լսեր ու որոնք մարդու սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց»։ 10 Բայց Աստուած մեզի յայտնեց իր Հոգիովը, վասն զի Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ։ 11 Վասն զի մարդոցմէ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին որ իր մէջ է. նոյնպէս ալ Աստուծոյ բաները մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն Աստուծոյ Հոգին։ 12 Իսկ մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է. որպէս զի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի. 13 Որոնց մասին կը խօսինք ոչ թէ մարդկային իմաստութեան սորվեցուցած խօսքերովը, հապա Հոգիին սորվեցուցածներովը եւ հոգեւոր բաները հոգեւորի հետ կը յարմարցնենք։ 14 Իսկ շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չ’ընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են ու չի կրնար գիտնալ, վասն զի հոգեւոր կերպով կը քննուին։ 15 Բայց ան որ հոգեւոր է՝ ամէն բան կը քննէ ու ինք մէկէն չի՛ քննուիր։ 16 Քանզի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՆԵՐԸ

3 1 Ե՛ղբայրներ, չկրցայ խօսիլ ձեզի՝ որպէս հոգեւորներու, հապա որպէս մարմնաւորներու, Որպէս Քրիստոսով տղայոց. ձեզի կաթ կերցուցի եւ ո՛չ թէ կերակուր, վասն զի դեռ կարող չէիք ու հիմա ալ տակաւին կարող չէք, վասն զի դեռ մարմնաւոր էք։ Որովհետեւ տակաւին ձեր մէջ նախանձ ու հակառակութիւն եւ բաժանումներ կան. չէ՞ որ մարմնաւոր էք ու մարդկօրէն կը քալէք։ Քանզի երբ ձեզմէ մէկը ըսէ թէ՝ «Ես Պօղոսեան եմ» եւ միւսը՝ թէ «Ես Ապօղոսեան», չէ՞ որ մարմնաւոր էք։ Բայց ո՞վ է Պօղոս կամ ո՞վ է Ապօղոս։ Պաշտօնեաներ են, որոնցմով հաւատացիք եւ ինչպէս Տէրը տուաւ անոնց ամէն մէկուն։ Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց։ Տնկողը ու ջուր տուողը մէկ են եւ ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը։ Վասն զի մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինութիւնն էք։ 10 Աստուծոյ շնորհքին չափովը, որ ինծի տրուեցաւ, իմաստուն ճարտարապետի մը պէս հիմ դրի, բայց անոր վրայ շինողը ուրիշ է. միայն թէ ամէն մէկը թող զգուշանայ թէ ի՛նչպէս կը շինէ։ 11 Վասն զի մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ չի կրնար դնել դրուածէն զատ, որ է Յիսուս Քրիստոսը։ 12 Եթէ մէկը այս հիմին վրայ շինելու գործածէ ոսկի, արծաթ, պատուական քարեր, փայտ, խոտ, եղէգ, 13 Ամէն մէկուն գործը յայտնի պիտի ըլլայ. քանզի օրը երեւան պիտի հանէ, վասն զի կրակով պիտի յայտնուի եւ ամէն մէկուն գործին ի՛նչ տեսակ ըլլալը կրակը պիտի փորձէ։ 14 Եթէ մէկուն շինած գործը մնայ, ինք վարձք պիտի առնէ. 15 Եւ եթէ մէկուն շինածը այրի, անիկա վնաս պիտի քաշէ. բայց ինք պիտի ազատի, սակայն այնպէս՝ իբր թէ կրակի մէջէն ելած է։ 16 Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի։ 17 Եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը ապականէ, Աստուած ալ զանիկա պիտի ապականէ, վասն զի Աստուծոյ տաճարը սուրբ է եւ դուք էք այդ տաճարը։

18 Չըլլայ որ մէկը ինքզինք խաբէ։ Եթէ ձեզմէ մէկը զինք իմաստուն սեպէ այս աշխարհի մէջ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէս զի իմաստուն ըլլայ։ 19 Վասն զի այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է. վասն զի գրուած է թէ «Անիկա իմաստունները իրենց խորամանկութեան մէջ կը բռնէ»։ 20 Եւ դարձեալ՝ թէ «Տէրը գիտէ իմաստուններուն խորհուրդները, որոնք ունայն են»։ 21 Ուրեմն մէ՛կը թող չպարծենայ մարդոցմով. 22 Վասն զի ամէն բան ձերն է. թէ՛ Պօղոս, թէ՛ Ապօղոս, թէ՛ Կեփաս, թէ՛ աշխարհ, թէ՛ կեանք, թէ՛ մահ, թէ՛ ներկայ բաները եւ թէ՛ գալիքները. ամէն բան ձերն է. 23 Դուք ալ Քրիստոսինն էք եւ Քրիստոս՝ Աստուծոյ։

ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ

4 1 Թող մարդիկ մեզ այնպէս սեպեն, որպէս թէ Քրիստոսին սպասաւորները ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները։ Ուստի տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ։ Բայց ինծի ասիկա ոչինչ բան մըն է, որ ձեզմէ դատուիմ, կամ մարդոց դատաստանէն, մանաւանդ որ ես ալ իմ անձս չեմ դատեր. Վասն զի ես իմ անձիս վրայով բան մը չեմ գիտեր. բայց ոչ թէ ասով կ’արդարանամ. հապա զիս դատողը Տէրն է։ Ուրեմն ժամանակէն առաջ դատաստան մի՛ ընէք, մինչեւ գայ Տէրը՝ որ խաւարին գաղտնիքը լոյսի պիտի հանէ ու սրտերուն խորհուրդները յայտնի պիտի ընէ եւ այն ատեն ամէն մէկուն գնահատութիւնը Աստուծմէ պիտի ըլլայ։

Ասոնք օրինակ բերի, ե՛ղբայրներ, իմ վրաս ու Ապօղոսին վրայ ձեզի համար, որպէս զի դուք մեզմէ սորվիք մարդոց վրայով գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը հպարտանայ մէկուն համար ուրիշի մը դէմ։ Քանզի ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս։

Արդէն կշտացաք, արդէն հարստացաք, առանց մեզի թագաւորեցիք եւ երանի՜ թէ թագաւորէիք, որպէս զի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք, Քանզի Աստուած յետիններ ըրաւ մեզ առաքեալներս՝ մահապարտներուն նման. վասն զի տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց։ 10 Մենք յիմարներ ենք Քրիստոսին համար։ Իսկ դուք իմաստուններ՝ Քրիստոսով։ Մենք՝ տկար, դուք՝ զօրաւոր։ Դուք՝ փառաւորեալ, իսկ մենք՝ անարգեալ։ 11 Մինչեւ այսօր կ’անօթենանք ալ, կը ծարաւինք ալ, մերկ ալ կը մնանք, կը ծեծուինք ալ, աստանդական ալ կը պտըտինք 12 Եւ մեր ձեռքերով կ’աշխատինք. երբ մեզ նախատեն՝ կ’օրհնենք. երբ կը հալածեն՝ կը համբերենք. 13 Երբ գէշ խօսին՝ կ’աղաչենք։ Իբրեւ աշխարհի աղտեղութիւնը՝ ամենէն անարգը եղանք մինչեւ հիմա։ 14 Այս բաները կը գրեմ՝ ո՜չ թէ ձեզ ամչցնելու համար, հապա կը խրատեմ ձեզ սիրելի որդիներուս պէս։ 15 Վասն զի թէեւ դուք տասը հազար վարժապետներ ունենաք Քրիստոսով, բայց ո՛չ թէ շատ հայրեր կ’ունենաք, քանզի Քրիստոս Յիսուսին աւետարանով ես ձեզ ծնայ։ 16 Ուրեմն կ’աղաչեմ ձեզի, ինծի նմանող եղէ՛ք։ 17 Ասոր համար ձեզի ղրկեցի Տիմոթէոսը, որ իմ սիրելի որդիս է ու Տէրոջմով հաւատարիմ. որ ձեր միտքը պիտի ձգէ Քրիստոսով իմ բռնած ճամբաներս, ինչպէս ամէն տեղ բոլոր եկեղեցիներուն կը սորվեցնեմ։ 18 Մէկ քանիները հպարտացան, խորհելով թէ ես պիտի չգամ ձեզի։ 19 Բայց շուտով պիտի գամ ձեզի, եթէ Տէրը կամենայ եւ պիտի հասկնամ ո՛չ թէ հպարտացողներուն խօսքերը, հապա զօրութիւնը։ 20 Վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ո՛չ թէ խօսքով է, հապա զօրութիւնով։ 21 Ի՞նչպէս կ’ուզէք. գաւազանո՞վ գամ ձեզի, թէ՝ սիրով եւ հեզութեան հոգիով։

ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ

5 1 Առ հասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ ալ չկայ, որպէս թէ մէկը իր խորթ մայրը կ’ունենայ։ Ու դուք հպարտացեր էք, փոխանակ սուգ ընելու, որ ձեր մէջէն վերցուի այս բանը։ Վասն զի թէպէտ ես մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ներկայ եմ. ուստի հիմա որպէս թէ ներկայ ըլլալով՝ որոշեցի որ այս բանը ընողը, Երբ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը մէկտեղ հաւաքուիք դուք ու իմ հոգիս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնովը, Այնպիսին Սատանային մատնէք, մարմնին կորսուելուն համար, որպէս զի հոգին փրկուի Տէր Յիսուսին օրը։ Այդ ձեր պարծենալը աղէկ չէ։ Չէ՞ք գիտեր թէ քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։ Հեռացուցէ՛ք հին խմորը մէկդի, որպէս զի ըլլաք նոր զանգուած, առանց թթխմորի։ Վասն զի Քրիստոս մեր զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ։ Ուստի տօն կատարենք ո՛չ թէ հին խմորով եւ ո՛չ թէ չարութեան ու անզգամութեան խմորով, այլ անկեղծութեան, ճշմարտութեան անխմոր հացովը։ Գրեցի ձեզի թուղթին մէջ, որ պոռնիկներուն հետ չխառնուիք։ 10 Եւ գրածս՝ ոչ թէ աշխարհի պոռնիկներուն, ագահներուն, յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն հետ. ապա թէ ոչ՝ պէտք էր որ դուք աշխարհէ դուրս ելլէիք։ 11 Բայց հիմա ձեզի գրեցի չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք։ 12 Վասն զի ի՞նչպէս դուրսինները դատեմ։ Չէ՞ որ դուք ներսինները կը դատէք. 13 Իսկ դուրսինները Աստուած պիտի դատէ. ուստի չարը ձեր մէջէն վերցուցէք։

ԴԱՏԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ

6 1 Ձեզմէ մէկը, եթէ բան մը ունենայ իր ընկերին հետ, կը համարձակի անիրաւներո՞ւն առջեւ դատուիլ, թէ սուրբերուն առջեւ։ Չէ՞ք գիտեր թէ սուրբերը պիտի դատեն աշխարհը. եթէ աշխարհ ձեզմէ կը դատուի, ուրեմն արժանի չէ՞ք այդ չնչին դատերը որոշելու։ Չէ՞ք գիտեր թէ մենք հրեշտակներ պիտի դատենք. ո՞ւր կը մնան հապա աշխարհայինները։ Ուրեմն եթէ ձեր մէջ աշխարհային դատեր ունիք, եկեղեցիին անարգները ձեզի դատաւոր դրէք։ Ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ. իրա՞ւ ձեր մէջ իմաստուն մը չկայ, որ կարող ըլլայ իրաւունքը որոշել իր եղբայրներուն մէջ։ Պէ՞տք է եղբօր հետ դատի մտնել, այն ալ անհաւատներուն առջեւ։ Արդարեւ բոլորովին յանցանք մըն է որ իրարու հետ դատեր կ’ունենաք. ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր, ինչո՞ւ դուք զրկանք չէք քաշեր։ Բայց դուք անիրաւութիւն ու զրկանք կ’ընէք եւ այն ալ եղբայրներո՞ւն։ Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, 10 Ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ 11 Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը։

ՁԵՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ

12 Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ես բանի մը իշխանութեան տակ պիտի չըլլամ։ 13 Կերակուրները փորին համար են, փորն ալ կերակուրներուն. բայց Աստուած աս ալ, անոնք ալ պիտի խափանէ։ Իսկ մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա՝ Տէրոջը ու Տէրը՝ մարմնին համար։ 14 Եւ Աստուած որ Տէրը յարուցանեց, մեզ ալ պիտի յարուցանէ իր զօրութիւնովը։ 15 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսին անդամներն են։ Քրիստոսին անդամները առնելով պոռնիկի անդամնե՞ր ընեմ։ Քա՛ւ լիցի։ 16 Չէ՞ք գիտեր թէ ան որ պոռնիկի կը մօտենայ, անոր հետ մէկ մարմին կ’ըլլայ. քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ 17 Իսկ ան որ Տէրոջը կը մօտենայ, անոր հետ մէկ հոգի կ’ըլլայ։ 18 Պոռնկութենէն փախէք։ Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ։ 19 Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք. 20 Քանզի գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ կը պատկանին։

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

7 1 Արդ՝ այն բաներուն համար, որ դուք ինծի գրեցիք, աղէկ է մարդուս որ կնոջ չմօտենայ։ Բայց պոռնկութիւնը արգիլելու համար ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ ու ամէն կին՝ իր այրը։ Այրը թող իր կնոջ պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան։ Կինը իր մարմնին չ’իշխեր, հապա այրը. նոյնպէս այրն ալ իր մարմնին չ’իշխեր, հապա՝ կինը։ Մէկզմէկ մի՛ զրկէք, եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ ատեն մը, աղօթքի պարապելու համար ու նորէն իրարո՛ւ դարձէք, որպէս զի Սատանան ձեզ չփորձէ ձեր անժուժկալութեան համար։ Աս կ’ըսեմ խրատելով, ո՛չ թէ հրամայելով։ Քանզի կ’ուզէի, որ բոլոր մարդիկ ինծի պէս ըլլային. բայց ամէն մէկը իր պարգեւը ունի Աստուծմէ, մէկը՝ այսպէս ու միւսը՝ այնպէս։ Բայց չամուսնացածներուն ու որբեւայրիներուն կ’ըսեմ. «Աղէկ է անոնց՝ եթէ ինծի պէս կենան»։ Բայց եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ։ 10 Բայց ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի։ 11 Իսկ եթէ զատուի ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ իր էրկան հետ հաշտուի, ու այրը իր կինը թող չձգէ։ 12 Բայց միւսներուն ալ ե՛ս կ’ըսեմ, ոչ թէ Տէրը. «Եթէ եղբայր մը անհաւատ կին ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։ 13 Եւ եթէ կին մը անհաւատ այր ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա»։ 14 Վասն զի անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են։ 15 Իսկ եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի։ Եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն Աստուած խաղաղութեան կանչեց մեզ։ 16 Քանզի ի՞նչ գիտես դուն, ո՛վ կին, թերեւս քու այրդ պիտի ապրեցնես. կամ դուն ի՞նչ գիտես, ո՛վ այր, թերեւս քու կինդ պիտի ապրեցնես։

ԱՊՐԷ՛, ԻՆՉՊԷՍ ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԱՆՉԵՑ ՔԵԶ

17 Միայն թէ ամէն մէկուն ինչպէս Տէրը բաժնեց, ամէն մէկը ինչպէս Աստուած կանչեց, այնպէս թող երթայ։ Բոլոր եկեղեցիներուն ես այսպէս պատուէր կու տամ։

18 Եթէ թլփատուած մէկը հաւատքի կանչուեցաւ, թող թլփատութեան նշանները չփոխէ։ Եթէ չթլփատուածներէն մէկը կանչուեցաւ, թող չթլփատուի։ 19 Վասն զի թլփատութիւնը բան մը չէ ու անթլփատութիւնն ալ բան մը չէ. հապա Աստուծոյ պատուիրանքները պահելն է էականը։ 20 Բայց ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ։ 21 Ծառա՞յ էիր երբ կանչուեցար, հոգ մի՛ ըներ. բայց եթէ կրնաս ազատ ըլլալ, զայն ընտրէ։ 22 Վասն զի այն ծառան որ Տէրոջմով կանչուած է, Տէրոջմէ ազատագրուած է անիկա. նոյնպէս այն ազատը որ կանչուած է, Քրիստոսին ծառան է։ 23 Դուք գնով ծախու առնուեցաք, մարդոց ծառայ մի՛ ըլլաք։ 24 Ե՛ղբայրներ, ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ Աստուծոյ առջեւ։

ՀԱՐՑԵՐ ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ

25 Բայց կոյսերուն համար Տէրոջմէն հրաման մը չունիմ, միայն թէ Տէրոջը շնորհքով խրատ կու տամ, որ վստահելի է։ 26 Ուրեմն ես կը խորհիմ թէ ասիկա աղէկ է հիմակուան նեղութեանը համար, այսինքն՝ աղէկ է մարդուս որ մնայ այնպէս, ինչպէս որ է։ 27 Կապուա՞ծ ես կնոջ, մի՛ փնտռեր արձակուիլ։ Արձակուա՞ծ ես կնոջմէ, կին մի՛ փնտռեր։ 28 Իսկ եթէ ամուսնանաս՝ չես մեղանչեր եւ եթէ կոյսը ամուսնանայ՝ չի մեղանչեր։ բայց այնպիսիները մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան. սակայն ես ձեզի կը խնայեմ։ 29 Բայց ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին 30 Եւ անոնք որ կու լան՝ որպէս թէ չեն լար ու անոնք որ կը խնդան՝ որպէս թէ չեն խնդար եւ անոնք որ ծախու կ’առնեն՝ որպէս թէ բան մը չունին 31 Եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր. վասն զի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի։ 32 Բայց ես կ’ուզեմ որ դուք անհոգ ըլլաք. վասն զի չամուսնացած մարդը Տէրոջը գործով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլայ։ 33 Իսկ ամուսնացածը աշխարհիս բաներով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս իր կնոջ հաճելի ըլլայ։ 34 Եւ ամուսնացած կինը ու կոյսը կը տարբերին իրարմէ. վասն զի կոյսը Տէրոջը բաներով կը մտահոգուի, որպէս զի ինք սուրբ ըլլայ հոգիով ու մարմնով. իսկ ամուսնացած կինը՝ աշխարհիս բաներով կը մտահոգուի, թէ ի՞նչպէս իր էրկանը հաճելի ըլլայ։ 35 Բայց այս բանը ձեր օգտին համար կ’ըսեմ, ո՛չ թէ ձեր վրայ ճնշում կը բանեցնեմ, հապա պարկեշտութեան համար ու առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու համար։ 36 Իսկ եթէ մէկը ամօթ կը սեպէ որ իր կոյսը ամուսնութեան տարիքը անցուցեր է ու պէտք է ամուսնանայ (այս է բնականը), թող ամուսնացնէ, մեղք չի գործեր։ 37 Բայց ան որ իր սրտին մէջ հաստատ կը կենայ ու իր վրայ ճնշում չկայ, ինք իր կամքին վրայ իշխանութիւն ունի ու իր սրտին մէջ որոշեր է որ կոյս մնայ, աղէկ կ’ընէ։ 38 Ուստի ան որ իր կոյսը կ’ամուսնացնէ, աղէկ կ’ընէ ու ան որ չ’ամուսնացներ աւելի աղէկ կ’ընէ։ 39 Կինը կապուած է որչափ ժամանակ որ իր այրը ողջ է. բայց եթէ իր այրը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով։ 40 Բայց իմ կարծիքովս՝ աւելի երանելի է եթէ այնպէս կենայ։ Կարծեմ թէ ե՛ս ալ Աստուծոյ Հոգին ունիմ։

ԿՈՒՌՔԵՐՈՒՆ ԶՈՀՈՒԱԾ ԿԵՐԱԿՈՒՐԻՆ ՀԱՐՑԸ

8 1 Կուռքերուն զոհերուն վրայով՝ գիտենք թէ ամէնքս ալ գիտութիւն ունինք։ Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ։ Եթէ մէկը կը կարծէ թէ բան մը գիտէ, իրապէս բան մը չի գիտեր՝ ինչպէս պէտք է գիտնար։ Իսկ եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է։ Ուստի կուռքերու զոհուածները ուտելու վրայով՝ գիտենք թէ կուռքը ոչինչ է աշխարհի մէջ եւ թէ մէկէն զատ ուրիշ Աստուած չկայ։ Քանզի թէեւ ըլլան ալ անունով աստուածներ, թէ՛ երկինքը եւ թէ՛ երկրի վրայ, ինչպէս կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր, Բայց մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ որմէ են բոլոր բաները եւ մենք ալ անով ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որմէ են բոլոր բաները ու մենք ալ անով։ Բայց ամէնքը նոյն գիտութիւնը չունին։ Ոմանք կուռքին վրայ նոյն կարծիքը չունին։ Միսը կ’ուտեն կուռքերու զոհուածի պէս, որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, կը պղծուի։ Սակայն կերակուրը մեզ Աստուծոյ առջեւ չի կեցներ, քանզի եթէ ուտենք չենք աւելնար եւ եթէ չուտենք չենք պակսիր։ Բայց զգո՛յշ կեցէք, որ չըլլայ թէ ձեր ազատութիւնը տկարներուն գայթակղութիւն ըլլայ։ 10 Քանզի եթէ մէկը տեսնէ քեզ, որ գիտութիւն ունիս եւ կռատունի մէջ սեղան նստած ես, չէ՞ որ այն տկար խղճմտանք ունեցող մարդն ալ համարձակութիւն պիտի ունենայ կուռքերու զոհուածը ուտելու 11 Եւ քու գիտութիւնովդ այդ տկար եղբայրը կրնայ կորսուիլ, որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ 12 Այսպէս՝ եղբայրներուն դէմ մեղանչելով ու անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով՝ Քրիստոսին դէմ կը մեղանչէք։ 13 Ուստի եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէս զի իմ եղբայրս չգայթակղեցնեմ։

ԱՌԱՔԵԱԼԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

9 1 Չէ՞ որ ես առաքեալ եմ. չէ՞ որ ես ազատ եմ. չէ՞ որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը աչքովս տեսայ. չէ՞ որ դուք իմ գործս էք Տէրոջմով։ Թէպէտ ուրիշներուն առաքեալ չըլլամ ալ, բայց անտարակոյս ձեզի եմ. վասն զի իմ առաքելութեանս կնիքը դուք էք Տէրոջմով։ Իմ պատասխանս անոնց որ զիս կը քննեն, այս է. Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք ուտելու եւ խմելու։ Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք Քրիստոսով քոյր եղող կին մը մեզի հետ պտըտցնելու, ինչպէս միւս առաքեալներն ու Տէրոջը եղբայրները ու Կեփաս կ’ընեն։ Միթէ ես ու Բառնաբա՞սը միայն իրաւունք չունինք չգործելու։ Ո՞վ իր ապրուստով զինուորութիւն կ’ընէ. ո՞վ այգի կը տնկէ ու անոր պտուղէն չ’ուտեր, կամ ո՞վ ոչխարներ կ’արածէ ու ոչխարներուն կաթէն չ’ուտեր։ Միթէ մարդկօրէ՞ն կ’ըսեմ այս բաները, կամ չէ՞ որ օրէնքն ալ նոյնը կ’ըսէ։ Քանզի Մովսէսին օրէնքին մէջ ալ գրուած է. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Միթէ Աստուած միայն եզե՞րը կը հոգայ. 10 Չէ՞ որ մասնաւորաբար մեզի համար կ’ըսէ. վասն զի մեզի համար գրուեցաւ. որովհետեւ ան որ կը հերկէ՝ պէտք է որ յոյսով հերկէ եւ ան որ ցորենը կը ծեծէ՝ պէտք է որ վայլելու յոյսով ընէ։ 11 Եթէ մենք ձեզի հոգեւոր բաներ սերմանեցինք, մե՞ծ բան է՝ եթէ ձեզմէ մարմնաւոր բաներ հնձենք։ 12 Եթէ ուրիշները ձեր վրայ այս իրաւունքը ունին, չէ՞ որ ալ աւելի մե՛նք. բայց մենք այս իրաւունքը չգործածեցինք, հապա ամէն բանի համբերեցինք, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին արգելք մը չըլլանք։ 13 Չէ՞ք գիտեր թէ տաճարին մէջ աշխատողները տաճարէն կ’ուտեն ու անոնք որ սեղանին պաշտօնեաներն են՝ սեղանէն բաժին կ’առնեն։ 14 Նոյնպէս ալ Տէրը հրաման տուաւ, որ աւետարանը քարոզողները աւետարանէն ապրին։ 15 Բայց ես այս իրաւունքներէն մէ՛կը չգործածեցի, ո՛չ ալ այդ բաները գրեցի ինծի համար. քանզի աւելի աղէկ է ինծի որ մեռնիմ, քան թէ մէկը իմ պարծանքս պարապ հանէ։ 16 Վասն զի եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ։ 17 Քանզի եթէ ասիկա կամաւ ընեմ, վարձք կ’ունենամ. իսկ եթէ ակամայ՝ ան ինծի յանձնուած տնտեսութիւն մըն է։ 18 Ուրեմն ի՞նչ վարձք կ’ըլլայ ինծի. այս կ’ըլլայ որ քարոզելու ատենս Քրիստոսին աւետարանը ձրի տամ որ չըլլայ թէ աւետարանին մէջ իմ իրաւունքս գէշ կերպով գործածեմ։ 19 Քանզի թէեւ ես ամենէն ազատ էի, բայց իմ անձս ամենուն ծառայ ըրի, որպէս զի շատերը շահիմ։ 20 Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէս զի Հրեաները շահիմ, 21 Օրէնքի տակ եղողներուն հետ օրէնքի տակ եղողի պէս եղայ, ոչ թէ ես օրէնքի տակ էի, որպէս զի օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ. օրէնքի տակ չեղողներուն հետ օրէնքի տակ չեղողի պէս եղայ, ոչ թէ ես Աստուծմէն օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսին օրէնքին տակ էի, որպէս զի օրէնք չունեցողներն ալ շահիմ. 22 Տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէս զի տկարները շահիմ. ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ։ 23 Եւ ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ։ 24 Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք։ 25 Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ։ Անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար ու մենք՝ անեղծանելին։ 26 Ուստի ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով. 27 Բայց իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ։

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԿՈՒՌՔԵՐԷ

10 1 Չեմ ուզեր որ չգիտցողի պէս ըլլաք, եղբա՛յրներ, որ մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին տակ էին ու ամէնքն ալ ծովէն անցան Եւ ամէնքն ալ Մովսէսով մկրտուեցան ամպին ու ծովին մէջ Եւ ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր կերակուրը կերան Ու ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր խմելիքը խմեցին, վասն զի կը խմէին այն հոգեւոր վէմէն, որ անոնց հետ կ’երթար ու այն վէմը Քրիստոսն էր։ Բայց անոնցմէ շատերուն չհաւնեցաւ Աստուած, ատոր համար անապատին մէջ փռուած ինկան։ Ու այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին։ Ոչ ալ կռապաշտ ըլլանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ Ինչպէս գրուած է. «Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու ու ելան խաղալու»։ Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսաներեք հազար հոգի ինկան։ Քրիստոսը չփորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին ու օձերէն խայթուելով մեռան։ 10 Եւ մի՛ տրտնջէք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին ու սատակիչէն ջարդուեցան։ 11 Բայց այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։ 12 Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։ 13 Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։

14 Անոր համար, իմ սիրելիներս, կռապաշտութենէ փախէք։ 15 Որպէս թէ իմաստուններու հետ կը խօսիմ. դուք դատեցէք ինչ որ կ’ըսեմ։ 16 Օրհնութեան գաւաթը՝ որ մենք կ’օրհնենք չէ՞ որ Քրիստոսին արեան հաղորդութիւնն է. հացը որ մենք կը կտրենք, չէ՞ որ Քրիստոսին մարմնին հաղորդութիւնն է։ 17 Քանզի մենք շատերս մէկ հաց մէկ մարմին ենք, վասն զի ամէնքս ալ այդ մէկ հացէն կը վայելենք։ 18 Նայեցէք մարմնաւոր Իսրայէլին։ Չէ՞ որ զոհուածներ ուտողները անոնց սեղանին հաղորդակից կ’ըլլան։ 19 Ուրեմն ի՞նչ ըսեմ. կուռքը բա՞ն մըն է, կամ կուռքերու զոհուածը բա՞ն մըն է։ 20 Բայց այս կ’ըսեմ թէ՝ այն բաները որոնք հեթանոսները զոհ կ’ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ ու չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից ըլլաք. 21 10։20 Չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը. 10։21 չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն։ 22 Նախանձի՞ գրգռենք Տէրը. միթէ մենք անկէ զօրաւո՞ր ենք։

23 Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան՝ օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ։ 24 Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ։ 25 Ամէն ինչ որ սպանդանոցին մէջ կը ծախուի՝ կերէք ու քննութիւն մի՛ ընէք խղճմտանքի համար. 26 Վասն զի երկիրը իր լիութիւնովը Տէրոջն է։ 27 Եւ եթէ անհաւատներէն մէկը ձեզ կերակուրի հրաւիրէ եւ ուզէք երթալ, ամէն ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք առանց խղճահարուելու։ 28 Բայց եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ՝ ‘Ատիկա կուռքի զոհուած է’, այն ատեն անոր համար որ ձեզի իմացուց ու անոր խղճմտանքին համար մի՛ ուտէք. 29 Սակայն խղճմտանք կ’ըսեմ՝ ո՛չ թէ ձերը, հապա ընկերինը։ Բայց ինչո՞ւ իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդուի ուրիշին խղճմտանքին համար։ 30 Եթէ ես շնորհակալութեամբ կը վայելեմ՝ ինչո՞ւ համար հայհոյեն ինծի, քանի որ կը գոհանամ։ 31 Արդ՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։ 32 Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, ո՛չ հեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին։ 33 Ինչպէս ես ալ ամէն կերպով ամենուն հաճոյ կ’ըլլամ ու չեմ փնտռեր իմ անձիս օգուտը, հապա շատերունը՝ որպէս զի փրկուին։

ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԱՏԵՆ ԳԼՈՒԽԸ ԾԱԾԿԵԼ

11 1 Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին։ Արդ ձեզ կը գովեմ ե՛ղբայրներ, որ ամէն բանի մէջ զիս կը յիշէք ու պատուէրներս կը պահէք՝ ինչպէս ես ձեզի աւանդեցի։ Բայց կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած։ Ամէն այր մարդ, որ գլուխը գոց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը։ Եւ ամէն կին, որ գլուխը բաց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը. վասն զի այնպէս կը սեպուի որպէս թէ ածիլուած էր։ Վասն զի եթէ կինը չի ծածկուիր, թող իր մազերն ալ կտրէ. իսկ եթէ ամօթ է կնոջ մը իր մազերը կտրելը կամ ածիլուիլը, թող ծածկուի։ Այր մարդուն պէտք չէ գլուխը ծածկել, վասն զի Աստուծոյ պատկերն ու փառքն է. բայց կինը իր էրկանը փառքն է։ Քանզի ո՛չ թէ այր մարդը կնոջմէն է, հապա կինը՝ այր մարդէն։ Վասն զի այր մարդը չստեղծուեցաւ կնոջը համար, հապա կինը՝ էրկանը համար։ 10 Այս պատճառաւ պէտք է որ կինը իր գլխուն շուք դնէ հրեշտակներուն համար. 11 Բայց ո՛չ կինը առանց այր մարդու կ’ըլլայ ու ո՛չ այր մարդը՝ առանց կնոջ՝ Տէրոջմով։ 12 Վասն զի ինչպէս կինը այր մարդէն է նոյնպէս այր մարդը կնոջ միջոցաւ, բայց ամէնքը Աստուծմէ։ 13 Դուք ձեզմէ դատեցէք. կնոջ կը վայլէ՞ գլուխը բաց աղօթքի կայնիլ Աստուծոյ առջեւ. 14 Չէ՞ որ բնութիւնն ալ կը սորվեցնէ ձեզի թէ այր մարդ մը եթէ երկար մազերով է, իրեն անարգանք է. 15 Բայց կինը եթէ երկար մազերով է, իրեն փառք է. վասն զի մազերը ծածկոցի տեղ տրուած են իրեն։ 16 Սակայն եթէ մէկը հակառակիլ ուզէ անոր, մենք այնպիսի սովորութիւն չունինք, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները։

ՏԷՐՈՋԸ ԸՆԹՐԻՔԸ

17 Բայց ասիկա պատուիրելով ձեզ չեմ գովեր, վասն զի ձեր հաւաքուիլը ո՛չ թէ աղէկ՝ հապա գէշ արդիւնք կ’ունենայ։ 18 Նախ՝ երբ մէկտեղ հաւաքուիք եկեղեցիին մէջ կը լսեմ թէ բաժանումներ կան ձեր մէջ եւ մասամբ կը հաւատամ։ 19 Վասն զի հարկաւ ձեր մէջ հերձուածներ ալ պիտի ըլլան, որպէս զի ձեր մէջ եղող ընտիրները երեւնան։ 20 Ուստի դուք որ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ատիկա Տէրունական ընթրիքը ուտել չէ. 21 Վասն զի ուտելու ատեն ամէն ոք աճապարանքով ընթրիքը կ’առնէ։ Մէկը անօթի կը մնայ ու միւսը կը գինովնայ։ 22 Միթէ ուտելու եւ խմելու համար տուն չունի՞ք, կամ թէ Աստուծոյ եկեղեցի՞ն կ’անարգէք եւ կ’ամչցնէք չքաւորները։ Ձեզի ի՞նչ ըսեմ, ձեզ գովե՞մ։ Այդ բանին համար չեմ գովեր։ 23 Վասն զի ես Տէրոջմէն ընդունեցի զայն, որ ձեզի ալ աւանդեցի՝ թէ՝ Տէր Յիսուս իր մատնուած գիշերը հաց առաւ 24 Եւ գոհանալով՝ կտրեց ու ըսաւ. «Առէ՛ք ու կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ 25 Նոյնպէս ալ գաւաթը ընթրիքէն յետոյ առաւ ու ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս. ասիկա ըրէք քանի անգամ որ խմելու ըլլաք՝ զիս յիշելու համար»։ 26 Վասն զի քանի անգամ որ այս հացը ուտէք ու այս գաւաթը խմէք, Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ։ 27 Ուստի ով որ այս հացը ուտէ կամ Տէրոջը գաւաթը խմէ անարժանաբար, պարտական պիտի ըլլայ Տէրոջը մարմնին եւ արիւնին։ 28 Ուրեմն թող մարդ իր անձը փորձէ ու այսպէս այն հացէն ուտէ եւ այն գաւաթէն խմէ։ 29 Վասն զի ան որ անարժանաբար կ’ուտէ ու կը խմէ, իր անձին դատապարտութիւնը կ’ուտէ ու կը խմէ, վասն զի Տէրոջը մարմնին իմաստը չ’որոշեր։ 30 Ասոր համար ձեր մէջ շատ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ շատեր ալ կը ննջեն։ 31 Վասն զի եթէ ինքզինքնիս դատելու ըլլայինք, պիտի չդատապարտուէինք։ 32 Իսկ երբ կը դատուինք, Տէրոջմէն կը խրատուինք, որպէս զի աշխարհի հետ չդատապարտուինք։ 33 Ուստի, եղբայրներս, երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք ուտելու, իրարու սպասեցէք։ 34 Իսկ եթէ մէկը անօթի է՝ թող իր տանը մէջ ուտէ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան համար հաւաքուիք։ Ուրիշ պատուէրներ ձեզի եկած ատենս պիտի հաղորդեմ։

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐԸ

12 1 Հոգեւոր պարգեւներուն վրայով չեմ ուզեր, ե՛ղբայրներ, որ չգիտցող ըլլաք։ Դուք գիտէք թէ՝ երբ հեթանոս էիք, մունջ կուռքերուն կը տարուէիք ինչպէս կ’առաջնորդուէիք։ Ուստի այս ձեզի կ’իմացնեմ թէ մէկը չկայ որ Աստուծոյ Հոգիովը խօսի ու Յիսուսին նզովեալ ըսէ։ Եւ մէկն ալ չի կրնար Յիսուսը Տէր կոչել՝ եթէ ոչ Սուրբ Հոգիով։ Պարգեւները զանազան են, բայց տուողը նոյն Հոգին է։ Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է՝ որ կը ներգործէ ամէնքը ամէն բանի մէջ։ Բայց ամէն մէկուն Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է բոլորին շահուն համար։ Մէկուն՝ Հոգիով իմաստութեան խօսք տրուած է, ուրիշին՝ գիտութեան խօսք, նոյն Հոգիին տուած չափովը. Միւսին՝ հաւատք՝ նոյն Հոգիով. ուրիշին՝ բժշկութեան պարգեւներ նոյն Հոգիով. 10 Ուրիշին՝ հրաշագործութիւններ, ուրիշին՝ մարգարէութիւն, ուրիշին՝ հոգիներու ընտրութիւն, ուրիշին՝ զանազան լեզուներ, ուրիշին՝ լեզուներու թարգմանութիւն։ 11 Այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը ներգործէ եւ ամէն մէկուն զատ զատ կը բաժնէ՝ ինչպէս ուզէ։

ՄԷԿ ՄԱՐՄԻՆ՝ ՇԱՏ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՎ

12 Քանզի ինչպէս մարմինը մէկ է եւ շատ անդամներ ունի եւ այն մարմնին բոլոր անդամները, թէեւ շատ են, բայց մէկ մարմին են, նոյնպէս Քրիստոս ալ։ 13 Վասն զի մենք ամէնքս մէ՛կ Հոգիով մէ՛կ մարմին ըլլալու մկրտուեցանք, թէ՛ Հրեաներ, թէ՛ հեթանոսներ, թէ՛ ծառաներ, թէ՛ ազատներ եւ ամէնքս ալ մէ՛կ Հոգիէ խմեցինք։ 14 Վասն զի մարմինը մէկ անդամ չէ, հապա շատ։ 15 Եթէ ոտքը ըսէ՝ «Որովհետեւ ես ձեռք չեմ՝ մարմինէն չեմ», ատիկա պատճառ մը չէ, որ ալ մարմինէն չըլլայ։ 16 Եթէ ականջը ըսէ. «Որովհետեւ ես աչք չեմ՝ մարմինէն չեմ», ատով չի դադրիր մարմինէն ըլլալէ։ 17 Եթէ բոլոր մարմինը աչք ըլլար, լսելիքը ո՞ւր պիտի ըլլար եւ եթէ բոլորը լսելիք ըլլար, ո՞ւր պիտի ըլլար հոտոտելիքը։ 18 Բայց Աստուած անդամներ դրաւ՝ մէկ մարմնի մէջ, ինչպէս ինքը ուզեց։ 19 Բայց եթէ ամէնքը միայն մէկ անդամ ըլլային, մարմինը ո՞ւր պիտի ըլլար։ 20 Բայց հիմա անդամները շատ են, իսկ մարմինը՝ մէկ։ 21 Չի կրնար աչքը ըսել ձեռքին թէ՝ «Դուն ինծի պէտք չես», եւ ոչ ալ գլուխը՝ ոտքերուն՝ թէ «Դուք ինծի պէտք չէք»։ 22 Մասնաւորաբար մարմնին այն անդամները որոնք շատ տկար կ’երեւնան, աւելի հարկաւոր են. 23 Մարմնին այն անդամները որոնք յաւէտ անպատիւ կը սեպենք, անոնց աւելի պատիւ կու տանք ու այսպէս մեր անվայելուչ անդամները աւելի վայելչութիւն ունին։ 24 Ու մեր վայելուչ անդամներուն բան մը պէտք չէ. բայց Աստուած մարմինը բարեխառնեց ու պակասութիւն ունեցողին աւելի պատիւ տուաւ, 25 Որպէս զի մարմնին մէջ երկպառակութիւն չըլլայ, հապա անդամները միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ։ 26 Եւ եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ եւ եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ։ 27 Արդ՝ դուք Քրիստոսին մարմինն էք եւ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ անոր մարմնին։ 28 Եւ Աստուած եկեղեցիին մէջ դրաւ մէկ քանիները, նախ՝ առաքեալներ, երկրորդ՝ մարգարէներ, երրորդ՝ վարդապետներ, ետքը՝ հրաշքներ գործողներ, ետքը՝ բժշկելու պարգեւ ունեցողներ, օգնողներ, կառավարողներ, լեզուներ խօսողներ։ 29 Միթէ ամէնքը առաքեալնե՞ր են. միթէ ամէնքը մարգարէնե՞ր են. միթէ ամէնքը վարդապետնե՞ր են. միթէ ամէնքը հրաշքնե՞ր կը գործեն. 30 Միթէ ամէնքը բժշկութեան պարգեւնե՞ր ունին. միթէ ամէնքը լեզունե՞ր կը խօսին. միթէ ամէնքը թարգմանութի՞ւն կ’ընեն։

31 Բայց դուք նախանձաւոր եղէք այն շնորհքներուն համար, որոնք լաւագոյնն են եւ ես՝ ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ մը պիտի ցուցնեմ ձեզի։

ՍԷՐ

13 1 Եթէ մարդոց ու հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ եւ սէր չունենամ, ես ձայն տուող պղինձի պէս եղայ, կամ հնչող ծնծղաներու պէս։ Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ ու հասկնամ ամէն խորհուրդները ու ամէն գիտութիւնը եւ եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ։ Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ու իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար։ Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, Անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, Անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար. բայց եթէ մարգարէութիւններ ըլլան՝ պիտի խափանին, եթէ լեզուներ՝ պիտի դադարին, եթէ գիտութիւն՝ պիտի խափանուի։ Վասն զի շատէն քիչը գիտենք ու շատէն քիչը կը մարգարէանանք. 10 Բայց երբ կատարեալը գայ, այն ատեն շատէն քիչը պիտի խափանուի։ 11 Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի։ 12 Քանզի հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես։ Հիմա շատէն քիչ մը տեղեակ եմ, բայց այն ատեն այնպէս պիտի ճանչնամ՝ ինչպէս ճանչցուեցայ։ 13 Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է։

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ

14 1 Սիրոյ ետեւէն գացէ՛ք ու հոգեւոր պարգեւներուն նախանձախնդիր եղէ՛ք, մանաւանդ մարգարէութիւն ընելու։ Վասն զի ան որ օտար լեզուով կը խօսի, ո՛չ թէ մարդոց կը խօսի, հապա Աստուծոյ. վասն զի մէկը չկայ որ իմանայ, բայց անիկա հոգիով խորհուրդները կը յայտնէ։ Սակայն ան որ կը մարգարէանայ, մարդոց կը խօսի՝ շինութիւն ու յորդորանք եւ մխիթարութիւն տալու։ Ան որ օտար լեզուով կը խօսի՝ իր անձին շինութիւն կ’ընէ ու ան որ կը մարգարէանայ՝ եկեղեցիին շինութիւն կ’ընէ։ Կ’ուզեմ որ դուք ամէնքդ լեզուներ խօսիք, բայց մանաւա՛նդ մարգարէութիւն ընէք, վասն զի աւելի աղէկ է ան՝ որ կը մարգարէանայ, քան թէ ան՝ որ լեզուներ կը խօսի. բայց պէտք է թարգմանէ, որպէս զի եկեղեցին օգտուի։

Հիմա, եղբայրնե՛ր, եթէ ես ձեզի գամ լեզուներ խօսելով, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենամ ձեզի՝ եթէ չխօսիմ ձեզի կա՛մ յայտնութիւնով, կա՛մ գիտութիւնով, կա՛մ մարգարէութիւնով, կա՛մ վարդապետութիւնով։ Ձայն տուող անկենդան գործիքներն անգամ, թէ՛ սրինգ եւ թէ՛ քնար, եթէ ձայներու զանազանութիւն չունենան, ի՞նչպէս պիտի ճանչցուի սրինգով կամ քնարով հնչուածը։ Վասն զի եթէ փողն ալ անորոշ ձայն հանէ, ո՞վ պիտի պատրաստուի պատերազմի։ Նոյնպէս դուք ալ եթէ լեզուով բացայայտ խօսք չխօսիք, խօսուածը ի՞նչպէս պիտի հասկցուի. վասն զի օդին խօսողներ պիտի ըլլաք։ 10 Ահա աշխարհի մէջ շատ տեսակ ձայներ կան, որոնցմէ ոեւէ մէկը առանց նշանակութեան չէ։ 11 Ուստի եթէ այն ձայնին իմաստը չգիտնամ, ես խօսողին օտարական մը պիտի ըլլամ, խօսողն ալ ինծի օտարական մը պիտի ըլլայ։ 12 Նոյնպէս դուք ալ, որովհետեւ հոգեւոր պարգեւներու նախանձախնդիր էք, եկեղեցիին շինութեանը համար խնդրեցէք որ աւելնաք նոյն պարգեւներովը։ 13 Անոր համար ան որ օտար լեզուով կը խօսի, աղօթք թող ընէ որ թարգմանէ ալ։ 14 Քանզի եթէ ես աղօթք ընեմ օտար լեզուով, իմ հոգիս աղօթք կ’ընէ, բայց միտքս անպտուղ է։ 15 Ուրեմն ի՞նչ ընելու եմ։ Աղօթք ընեմ հոգիով, աղօթք ընեմ մտառութեամբ ալ. սաղմոս երգեմ հոգիով, սաղմոս երգեմ մտառութեամբ ալ։ 16 Եթէ դուն հոգիով օրհնութիւն ընես, անիկա որ տգէտի պէս կայներ է, ի՞նչպէս «Ամէն» պիտի ըսէ քու գոհութիւն տալու ատենդ, վասն զի ան քու ըսածդ չի հասկնար։ 17 Թէպէտ դուն աղէկ գոհութիւն կ’ընես, բայց միւսը չ’օգտուիր։ 18 Աստուծմէ կը գոհանամ որ բոլորէդ աւելի լեզուներով կը խօսիմ, 19 Բայց եկեղեցիին մէջ կ’ուզեմ հինգ խօսք մտառութեամբ խօսիլ, որպէս զի ուրիշներուն ալ սորվեցնեմ, քան թէ բիւրաւոր խօսքեր՝ օտար լեզուով։

ԿԱՐԳ ՈՒ ԿԱՆՈՆ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ

20 Եղբայրնե՛ր, մտքով տղայ մի՛ ըլլաք, հապա չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ եղէք ու մտքով՝ չափահաս։ 21 Օրէնքին մէջ գրուած է թէ՝ «‘Օտար լեզուներով ու օտար շրթունքներով այդ ժողովուրդին հետ պիտի խօսիմ, սակայն եւ այնպէս ինծի մտիկ պիտի չընեն’, կ’ըսէ Տէրը»։ 22 Ուրեմն լեզուները նշանի համար են ո՛չ թէ հաւատացեալներուն, հապա անհաւատներուն, բայց մարգարէութիւնը՝ ո՛չ թէ անհաւատներուն, հապա՝ հաւատացեալներուն։ 23 Արդ՝ եթէ բոլոր եկեղեցին մէկտեղ գայ ու ամէնքն ալ օտար լեզուներով խօսելու ըլլան եւ հոն մտնեն տգէտներ կամ անհաւատներ, պիտի չըսե՞ն թէ դուք խենթեցեր էք։ 24 Իսկ եթէ բոլորն ալ մարգարէանան ու հոն անհաւատ մը կամ տգէտ մը մտնէ, ամենէն ալ կը յանդիմանուի, ամենէն ալ կը դատուի 25 Ու անոր սրտին ծածուկ բաները կը յայտնուին եւ երեսի վրայ ինկած՝ Աստուծոյ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու խոստովանի թէ իրաւցնէ Աստուած ձեր մէջ է։

26 Ուրեմն, եղբա՛յրներ, երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ձեզմէ ամէն մէկը սաղմոս ունի, վարդապետութիւն ունի, լեզու ունի, յայտնութիւն ունի, թարգմանութիւն ունի. ամէնքն ալ շինութեան համար թող ըլլան։ 27 Եթէ մէկը օտար լեզու կը խօսի, կամ երկու հոգի, կամ՝ երեք հոգի ըլլան, այն ատեն մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու մէկը թող թարգմանէ։ 28 Բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, եկեղեցիին մէջ լուռ թող կենան եւ Աստուծոյ հետ խօսին։ 29 Իսկ եթէ մարգարէները երկու կամ երեք հոգի ըլլան, մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու միւսները քննեն։ 30 Իսկ եթէ նստողներէն ուրիշ մէկուն ալ բան մը յայտնուելու ըլլայ, առաջինը թող լռէ։ 31 Վասն զի ամէնքդ ալ կրնաք մէկիկ մէկիկ մարգարէանալ, որպէս զի ամէնքն ալ սորվին ու ամէնքն ալ մխիթարուին։ 32 Եւ մարգարէներուն հոգիները մարգարէներուն հսկողութեան տակ ըլլան։ 33 Վասն զի Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան, ինչպէս սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։

34 Ձեր կիները եկեղեցիներուն մէջ թող լուռ կենան, վասն զի անոնց հրաման չկայ խօսելու, հապա հնազանդ ըլլալու, ինչպէս օրէնքն ալ կ’ըսէ։ 35 Բայց եթէ բան սորվիլ կ’ուզեն, տունը իրենց այրերուն թող հարցնեն. քանզի կիներուն անվայել է եկեղեցիին մէջ խօսիլ։ 36 Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ կամ թէ միայն ձեզի՞ հասաւ։ 37 Եթէ մէկը կը կարծէ թէ ինք մարգարէ է, կամ հոգեւոր, թող հաստատ գիտնայ թէ ինչ որ ձեզի գրեցի՝ Տէրոջը պատուէրներն են. 38 Բայց եթէ մէկը տգէտ է՝ թող տգէտ ըլլայ։ 39 Ուստի, եղբա՛յրներ, մարգարէութիւն ընելու նախանձախնդիր եղէք ու լեզուներ խօսիլն ալ մի՛ արգիլէք։ 40 Միայն թէ ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ։

ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

15 1 Եղբա՛յրներ, ձեզի կ’իմացնեմ այն աւետարանը որ ես ձեզի քարոզեցի եւ որը ընդունեցիք ու անոր վրայ հաստատուած էք. Որով կը փրկուիք ալ, եթէ ամուր բռնէք այն խօսքը որ ես ձեզի քարոզեցի, այնպէս որ պարապ տեղը հաւատացած չըլլաք։ Վասն զի ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ Եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ Եւ երեւցաւ Կեփասին ու ետքը տասներկուքին. Ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին։ Ետքը երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն։ Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի մը՝ ինծի ալ երեւցաւ։ Վասն զի ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի։ 10 Միայն թէ Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ եւ անոր շնորհքը որ իմ վրաս է, պարապ բան մը չեղաւ։ Ես անոնց վրայ ամենէն աւելի աշխատեցայ. ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը, որ ինծի հետ էր։ 11 Ուստի թէ՛ ես եւ թէ՛ անոնք այսպէս կը քարոզենք ու դուք այսպէս հաւատացիք։

ՄԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

12 Ուրեմն եթէ Քրիստոս կը քարոզուի, որ մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ մէկ քանիները կ’ըսեն թէ՝ «Մեռելներուն յարութիւն չկայ»։ 13 Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ։ 14 Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է 15 Եւ մենք ալ Աստուծոյ սուտ վկաները կ’ըլլանք. որովհետեւ Աստուծոյ համար վկայութիւն տուինք, թէ ինք մեռելներէն յարուցանեց Քրիստոսը։ Եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ուրեմն զանիկա չէ յարուցած։ 16 Քանզի եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ 17 Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը պարապ է ու տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք. 18 Նոյնպէս Քրիստոսով ննջողներն ալ կորսուած են։ 19 Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք։ 20 Բայց ճշմարիտ է թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը։ 21 Քանզի մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ 22 Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան. 23 Բայց ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու ատենը. 24 Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։ 25 Վասն զի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ 26 Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է։ Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց». 27 Երբ կ’ըսէ թէ «Ամէն բան հնազանդած է», յայտնի կ’ըլլայ թէ բացի անկէ՝ որ բոլորը իրեն հնազանդեցուց։ 28 Ու երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ։ 29 Ապա թէ ոչ՝ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ մեռելներուն համար կը մկրտուին, եթէ մեռելները բնաւ յարութիւն պիտի չառնեն։ Ինչո՞ւ ուրեմն անոնց համար կը մկրտուին. 30 Ինչո՞ւ համար մենք ալ վտանգի մէջ կը մտնենք ամէն ժամ։ 31 Վկայ կը բերեմ այն պարծանքը՝ որ ձեր վրայ ունիմ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով, որ ես ամէն օր կը մեռնիմ։ 32 Եթէ Եփեսոսի մէջ մարդոց նման գազաններու հետ մարտնչեցայ, ի՞նչ օգուտ ունի ինծի։ Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք։ 33 Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։ 34 Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք, վասն զի ձեզմէ ոմանք Աստուծոյ գիտութիւնը չունին. ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ։

ՅԱՐԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԸ

35 Բայց պիտի ըսէ մէկը. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն», կամ «Ի՞նչ մարմնով կու գան»։ 36 Ա՛նմիտ, անիկա որ դուն կը սերմանես, եթէ չմեռնի՝ չի կենդանանար։ 37 Զայն որ կը սերմանես, ոչ թէ այն մարմինը որ պիտի բուսնի՝ կը սերմանես, հապա մերկ հատը՝ ցորենի վրայ եւ թէ՛ ուրիշ սերմի՝ 38 Ու Աստուած անոր մարմին կու տայ ինչպէս կ’ուզէ եւ ամէն մէկ սերմին իր յատուկ մարմինը։ 39 Ամէն մարմին մէկ մարմին չէ. հապա մարդոց մարմինը ուրիշ է ու անասուններուն մարմինը՝ ուրիշ, ձուկերունն ալ՝ ուրիշ եւ թռչուններունը՝ ուրիշ։ 40 Երկնաւոր մարմիններ ալ կան, երկրաւոր մարմիններ ալ, բայց երկնաւորներուն փառքը ուրիշ է ու երկրաւորներունը՝ ուրիշ։ 41 Արեւուն փառքը ուրիշ է ու լուսնին փառքը՝ ուրիշ եւ աստղերուն փառքը՝ ուրիշ ու մէկ աստղը միւս աստղէն տարբեր է փառքով։ 42 Այսպէս մեռելներուն յարութիւնն ալ։ Մարմինը ապականութիւնով կը սերմանուի ու անապականութիւնով յարութիւն կ’առնէ. 43 Անարգութիւնով կը սերմանուի ու փառքով յարութիւն կ’առնէ. տկարութիւնով կը սերմանուի ու զօրութիւնով յարութիւն կ’առնէ։ 44 Կը սերմանուի շնչաւոր մարմին եւ յարութիւն կ’առնէ հոգեւոր մարմին։ Շնչաւոր մարմին կայ, հոգեւոր մարմին ալ կայ։ 45 Եւ այսպէս գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ կենդանի շունչ եղաւ», վերջին Ադամը՝ կենդանարար հոգի։ 46 Բայց ո՛չ թէ առաջ հոգեւորը, հապա շնչաւորը ու ետքը հոգեւորը։ 47 Առաջին մարդը երկրէն էր՝ հողեղէն, բայց երկրորդ մարդը Տէր է՝ երկնքէն։ 48 Ինչպէս էր հողեղէնը՝ նոյնպէս ալ հողեղէնները ու ինչպէս երկնաւորը՝ նոյնպէս ալ երկնաւորները 49 Եւ ինչպէս հողեղէնին կերպարանքը հագեր ենք, երկնաւորին կերպարանքն ալ պիտի հագնինք։ 50 Բայց այս կ’ըսեմ, եղբա՛յրներ, որ մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել. ո՛չ ալ ապականութիւնը կը ժառանգէ անապականութիւն։

51 Ահա ձեզի խորհուրդ մը կ’ըսեմ։ Ամէնքս պիտի չննջենք, բայց ամէնքս ալ պիտի փոխուինք, 52 Յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը. որովհետեւ փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի փոխուինք։ 53 Վասն զի պէտք է որ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի ու այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի։ 54 Բայց երբ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի եւ այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի, այն ատեն պիտի կատարուի այն խօսքը, որ գրուեցաւ. «Մահը յաղթութեան մէջ ընկղմեցաւ»։ 55 «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ»։ 56 Մահուան խայթոցը մեղքն է ու մեղքին ոյժը՝ օրէնքը։ 57 Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ 58 Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով։

ՅՈՐԴՈՐԱՆՔ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

16 1 Սուրբերուն համար նպաստ ժողվելու վրայով, ինչպէս պատուէր տուի Գաղատացիներուն եկեղեցիներուն, դուք ալ այնպէս ըրէք։ Ամէն մէկշաբթի օրերը ձեզմէ ամէն մէկը իր քով թող դիզէ ինչ որ կրնայ, Որ չըլլայ թէ երբ գամ, այն ատեն հանգանակութիւններ ըլլան։ Երբ գամ, որոնց որ դուք հաճիք, ես զանոնք թուղթերով պիտի ղրկեմ, որ ձեր պարգեւները Երուսաղէմ տանին։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ

Եւ եթէ իմ երթալս յարմար սեպուի, ինծի հետ թող երթան։ Սակայն ես ձեզի պիտի գամ՝ երբ Մակեդոնիայէն անցնիմ. քանզի Մակեդոնիայէն կ’անցնիմ. Եւ կարելի է որ ձեր քով մնամ եւ ձմեռն ալ անցընեմ. որպէս զի դուք զիս ճամբայ դնէք, ուր որ ես պիտի երթամ։ Վասն զի չեմ ուզեր ձեզ հիմա հարեւանցի տեսնել, բայց յոյս ունիմ որ ատեն մը ձեր քով կենամ, եթէ Տէրը հրաման տայ։ Սակայն հիմա ես Եփեսոս պիտի մնամ մինչեւ Պէնտէկոստէ. Վասն զի ինծի մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է ու շատ հակառակորդներ կան։

10 Արդ՝ եթէ Տիմոթէոս գայ, նայեցէ՛ք որ ձեր քով առանց վախի մնայ. քանզի անիկա Տէրոջը գործը կը գործէ, ինչպէս ես ալ։ 11 Ուստի չըլլայ որ մէկը զանիկա արհամարհէ. հապա խաղաղութեամբ զանիկա ճամբեցուցէք, որպէս զի ինծի գայ. վասն զի անոր կը սպասեմ եղբայրներուն հետ։ 12 Իսկ Ապօղոս եղբօրը համար, շատ աղաչեցի անոր, որ ձեզի գայ եղբայրներուն հետ մէկտեղ. բայց բնաւ կամք չունեցաւ որ հիմա գայ, բայց պիտի գայ՝ երբ յարմար ժամանակ գտնէ։

ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐ

13 Արթո՛ւն կեցէք, հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք, ժի՛ր եղէք, զօրացէ՛ք։ 14 Ձեր ամէն բաները սիրով ըլլան։ 15 Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, դուք կը ճանչնաք Ստեփանէսի ընտանիքը որ Աքայիայի առաջին պտուղն է ու անձերնին սուրբերուն սպասաւորութեանը նուիրեցին. 16 Որ հնազանդ ըլլաք այնպիսիներուն եւ ամենուն որ մեզի հետ մէկտեղ կը գործեն ու կ’աշխատին։ 17 Ուրախ եմ ես Ստեփանէսի ու Փորտունատոսի ու Աքայիկոսի գալուն համար, իրենք ձեր պակասութիւնը լեցուցին. 18 Ատով հանգստացուցին իմ հոգիս ու ձերը. ուստի այնպիսիները ճանչցէք։

19 Բարեւ կ’ընեն ձեզի Ասիայի եկեղեցիները. շատ բարեւ կ’ընեն ձեզի Տէրոջմով Ակիւղասն ու Պրիսկիղան՝ իրենց տանը մէջի եկեղեցիին հետ։ 20 Բարեւ կ’ընեն ձեզի բոլոր եղբայրները. բարեւ տուէք իրարու սուրբ համբոյրով։

21 Այս բարեւը իմ ձեռագրովս Պօղոսինն է։ 22 Եթէ մէկը Տէր Յիսուս Քրիստոսը չի սիրեր, նզովեալ ըլլայ երբ մեր Տէրը գայ։ 23 Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ. 24 Իմ սէրս ձեր ամենուն հետ ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով։ Ամէն։