ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ

ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՅԱՒԵՐԸ

1 1 Ինչպէ՜ս առանձին կը նստի բազմամարդ քաղաքը.

Ազգերուն մէջ մեծ եղողը՝ որբեւայրիի պէս եղաւ,

Գաւառներուն մէջ իշխանուհի եղողը՝ հարկատու եղաւ։

 Գիշերը անդադար կու լայ ու իր արցունքները իր այտերուն վրայ են.

Անոր բոլոր սիրելիներէն զինք մխիթարող չկայ.

Անոր բոլոր բարեկամները անոր նենգութիւն ըրին, անոր թշնամի եղան։

 Յուդան տառապանքի եւ խիստ ծառայութեան համար գերի քշուեցաւ.

Հեթանոսներուն մէջ կը բնակի, հանգստութիւն չի գտներ։

Անոր բոլոր հալածիչները անոր նեղութիւններուն մէջ անոր վրայ հասան։

 Սիօնի ճամբաները կը սգան՝ հանդիսաւոր տօներուն եկող չըլլալուն համար.

Անոր բոլոր դռները ամայացած են, անոր քահանաները կը հեծեն.

Անոր կոյսերը կը տրտմին ու ինք դառնութեան մէջ է։

 Անոր ոսոխները իշխան եղան, անոր թշնամիները յաջողութիւն գտան,

Վասն զի Տէրը զանիկա տրտմութեան մատնեց իր յանցանքներուն համար.

Անոր պզտիկ տղաքը թշնամիէն տարուեցան։

 Եւ Սիօնի աղջիկէն իր բոլոր վայելչութիւնը գնաց։

Անոր իշխանները ճարակ չգտնող եղջերուներու պէս եղան,

Որոնք հալածողին առջեւէն առանց ուժի կ’երթան։

 Երուսաղէմ իր տառապանքի ու թշուառութեան օրերը՝

Իր առաջուան ունեցած բոլոր ցանկալի բաները յիշեց,

Երբ իր ժողովուրդը թշնամիին ձեռքը ինկաւ ու իրեն օգնող չեղաւ։

Թշնամիները զանիկա տեսան ու անոր կործանումին վրայ խնդացին։

 Երուսաղէմ ծանր մեղք գործեց, անոր համար պիղծ սեպուեցաւ.

Զանիկա պատուողները զանիկա անարգեցին, վասն զի անոր մերկութիւնը տեսան։

Անիկա ալ հառաչեց ու ետ դարձաւ։

 Անոր պղծութիւնը իր քղանցքներուն վրայ է, անիկա իր վախճանը չյիշեց

Ու զարմանալի կերպով մը նուաստացաւ։ Անիկա մխիթարիչ չունի։

«Ո՛վ Տէր, իմ տառապանքիս նայէ, վասն զի թշնամին հպարտացաւ»։

10 Թշնամին ձեռքը երկնցուց անոր բոլոր ցանկալի բաներուն.

Քանզի տեսաւ որ հեթանոսները իր սրբարանին մէջ մտան,

Որոնց համար դուն պատուիրեր էիր, որ անոնք քու ժողովարանդ չմտնեն։

11 Անոր բոլոր ժողովուրդը հաց փնտռելէն հառաչեց։

Իրենց հոգին ուժովցնելու համար՝ իրենց ցանկալի բաները կերակուրի փոխարէն տուին։

«Տե՛ս, ո՛վ Տէր ու նայէ՛, վասն զի անարգուեցայ»։

12 «Արդեօք հոգ չէ՞ք ըներ, ո՛վ բոլոր ճամբայէ անցնողներ.

Նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք, թէ արդեօք այն ցաւին պէս ցաւ կա՞յ, որ իմ վրաս եկաւ,

Վասն զի Տէրը զիս նեղեց իր սաստիկ բարկութեան օրը։

13 Բարձրէն իմ ոսկորներուս կրակ ղրկեց, որ անոնց տիրեց.

Ոտքերուս առջեւ ցանց տարածեց եւ զիս ետ դարձուց.

Զիս ամայացուց ու բոլոր օրը զիս մարած թողուց։

14 Իմ յանցանքներուս լուծը անոր ձեռքով կապուեցաւ.

Անոնք միացան ու իմ պարանոցիս վրայ ելան. իմ ոյժս կտրեցին։

Տէրը զիս այնպիսի ձեռքերու մատնեց, որոնցմէ չեմ կրնար ազատիլ։

15 Տէրը իմ բոլոր զօրաւորներս անարգեց.

Իմ երիտասարդներս կոտորելու համար իմ վրաս ժողով գումարեց։

Տէրը Յուդայի կոյս աղջիկը հնձանի մէջ կոխեց։

16 Անոր համար կու լամ, աչքերս, աչքերս արցունք կ’իջեցնեն.

Վասն զի մխիթարիչը, որ իմ հոգիս պիտի նորոգէր՝ ինձմէ հեռացաւ։

Իմ տղաքս նուաղեցան, վասն զի թշնամին զօրացաւ։

17 Սիօն իր ձեռքերը տարածեց, զայն մխիթարող չկայ։

Տէրը հրամայեց, որ Յակոբին թշնամիները զինք շրջապատեն։

Երուսաղէմ անոնց մէջ դաշտանաւոր կնոջ պէս եղաւ։

18 Տէրը արդար է, վասն զի անոր հրամանին դէմ ապստամբեցայ։

Հիմա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, մտիկ ըրէ՛ք ու իմ ցաւս տեսէ՛ք.

Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս գերութեան գացին,

19 Իմ սիրականներս կանչեցի, անոնք զիս խաբեցին,

Իմ քահանաներս ու ծերերս քաղաքին մէջ հոգինին աւանդեցին,

Երբ իրենց համար կերակուր կը փնտռէին՝ իրենց հոգին ուժովցնելու համար։

20 Ո՛վ Տէր, նայէ՛, վասն զի նեղուեցայ, աղիքներս խռովեցան.

Սիրտս ներսիդիս տակնուվրայ եղաւ, վասն զի ապստամբեցայ.

Դուրսէն սուրը զիս զրկեց ու ներսը մահ կայ։

21 Իմ հառաչանքս լսեցին, բայց մխիթարող չկայ.

Իմ բոլոր թշնամիներս իմ թշուառութիւնս լսելով ուրախացան, վասն զի դուն ըրիր ասիկա։

Որոշած օրդ պիտի բերես ու անոնք ինծի պէս պիտի ըլլան։

22 Անոնց բոլոր չարութիւնը թող քու առջեւդ հասնի

Եւ անոնց այնպէ՛ս ըրէ, ինչպէս ինծի ըրիր իմ բոլոր յանցանքներուս համար.

Վասն զի իմ հեծութիւններս շատ են ու իմ սիրտս նուաղած է»։

ՏԷՐՈՋԸ ՊԱՏԻԺԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

2 1 Տէրը՝ բարկանալով՝ խաւարով ծածկեց Սիօնի աղջիկը,

Իսրայէլին փառքը երկնքէն վար նետեց ու իր բարկութեան օրը իր ոտքերուն պատուանդանը չյիշեց։

 Տէրը առանց խնայելու Յակոբին բոլոր բնակարանները կործանեց,

Յուդայի աղջկան ամրոցները իր բարկութիւնովը փլցուց ու հիմնայատակ ըրաւ,

Թագաւորութիւնն ու անոր իշխանները անպատուեց։

 Սաստիկ բարկութեամբ Իսրայէլի բոլոր զօրութիւնը փշրեց,

Անոր աջ ձեռքը թշնամիին երեսէն ետ քաշեց

Եւ Յակոբի մէջ կրակի բոցի պէս բռնկեցաւ ու անոր բոլորտիքը կերաւ։

 Իր աղեղը թշնամիի պէս լարեց, իր աջ ձեռքովը հակառակորդի պէս կեցաւ։

Բոլոր աչքի հաճոյ եղողները մեռցուց։

Իր բարկութիւնը կրակի պէս թափեց Սիօնի աղջկան խորանին մէջ։

 Տէրը թշնամիի պէս եղաւ, Իսրայէլը,

Անոր բոլոր պալատները եւ անոր ամրոցները կործանեց,

Յուդայի աղջկան մէջ ողբն ու կոծը շատցուց։

 Անոր հիւղը պարտէզի հիւղի պէս բռնութեամբ կործանեց, անոր ժողովատեղին աւերեց։

Տէրը Սիօնի մէջ հանդիսաւոր տօնը ու շաբաթը մոռցուց,

Իր սաստիկ բարկութիւնովը թագաւորն ու քահանան անարգեց։

 Տէրը իր սեղանը մերժեց ու իր սրբարանէն զզուեցաւ։

Անոր պալատներուն պարիսպները թշնամիին ձեռքը մատնեց.

Անոնք Տէրոջը տանը մէջ հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս ձայն տուին։

 Տէրը խորհեցաւ Սիօնի աղջկան պարիսպը քակել.

Լար քաշեց, իր ձեռքը կործանելէն ետ չդարձուց.

Պատնէշին ու պարսպին սուգ բռնել տուաւ, անոնք մէկտեղ տրտմեցան։

 Անոր դռները գետինը անցան, անոր նիգերը աւերեց ու կոտրեց.

Անոր թագաւորն ու իշխանները ազգերուն մէջ են. օրէնք չկայ.

Անոր մարգարէներն ալ Տէրոջմէ տեսիլք չեն ընդունիր։

10 Սիօնին ծերերը գետնի վրայ նստած՝ լուռ կը կենան,

Իրենց գլխուն վրայ հող դրին, քուրձեր հագան,

Երուսաղէմի կոյսերը գլուխնին գետինը իջեցուցին։

11 Իմ ժողովուրդիս աղջկան բեկմանը համար աչքերս արցունք թափելէն աւրուեցան,

Աղիքներս խռովեցան, լեարդս գետինը թափուեցաւ,

Վասն զի տղաքներն ու կաթնկերները քաղաքին հրապարակներուն մէջ կը նուաղին։

12 Անոնք իրենց մայրերուն կ’ըսեն. «Ո՞ւր են ցորենն ու գինին»։

Երբ վիրաւորուածներու պէս կը նուաղին քաղաքին հրապարակներուն մէջ,

Երբ իրենց հոգին կ’աւանդեն իրենց մայրերուն գրկերուն մէջ։

13 Քեզի ի՞նչ վկայութիւն բերեմ. քեզ ի՞նչ բանի հետ բաղդատեմ, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ.

Քեզ մխիթարելու համար քեզի ի՞նչ նմանութիւն բերեմ, ո՛վ Սիօնի կոյս աղջիկ.

Քանզի քու աւերակդ ծովու չափ ընդարձակ է. ո՞վ կրնայ քեզ վերաշինել։

14 Քու մարգարէներդ քեզի համար սնոտի ու յիմարական տեսիլքներ տեսան,

Քու անօրէնութիւնդ քեզի չյայտնեցին, որ քեզ գերութենէ դարձնեն,

Հապա քեզի համար սնոտի տեսիլքներ ու մոլորութիւններ տեսան։

15 Բոլոր ճամբայէն անցնողները քեզի համար ծափ զարկին

Եւ սուլելով գլուխնին շարժեցին Երուսաղէմի աղջկան համար

Ու ըսին. ‘Ա՞յս է այն քաղաքը, որ գեղեցկութեան կատարելութիւնը ու բոլոր երկրին Ուրախութիւնը կը կոչուէր»։

16 Քու բոլոր թշնամիներդ իրենց բերանը քու վրադ բացին

Եւ սուլելով ակռայ կրճտեցին ու ըսին. ‘Զանիկա կործանեցինք’։

Ահա այս է մեր սպասած օրը, գտանք, տեսանք զանիկա։

17 Տէրը իր խորհածը կատարեց, առաջին օրերէն պատուիրած խօսքը գործադրեց,

Փլցուց ու չխնայեց եւ թշնամին քու վրադ ուրախացուց,

Քու թշնամիներուդ եղջիւրը բարձրացուց։

18 Անոնց սիրտը Տէրոջը աղաղակեց.

Ո՛վ Սիօնի աղջկան պարիսպ, ցորեկ ու գիշեր հեղեղի պէս արցունք հոսեցուր։

Քեզի հանգիստ մի՛ տար, աչքիդ բիբը թող չդադարի։

19 Ելի՛ր, գիշերով աղաղակէ գիշերուան պահերուն սկիզբը.

Քու սիրտդ ջուրի պէս թափէ Տէրոջը առջեւ.

Ձեռքերդ անոր վերցուր ու տղոցդ հոգիներուն համար,

Որոնք փողոցներուն գլուխը անօթութենէ կը մարին։

20 Տե՛ս, ո՛վ Տէր ու նայէ՛, որո՞ւ այսպէս ըրիր.

Միթէ կիները իրենց պտուղը՝ իրենց գրկած տղաքները՝ պիտի ուտե՞ն.

Քահանան ու մարգարէն Տէրոջը սրբարանին մէջ պիտի սպաննուի՞ն։

21 Տղան ու ծերը փողոցներու մէջ գետնի վրայ պառկեցան,

Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս սուրէն ինկան.

Քու բարկութեանդ օրը զանոնք մեռցուցիր, մորթեցիր ու չխնայեցիր։

22 Ամէն կողմէ իմ վախերս հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս կանչեցիր

Ու Տէրոջը բարկութեան օրը մնացորդ կամ ազատուած չմնաց.

Իմ թշնամիս իմ գրկածներս ու մեծցուցածներս հատցուց։

ՊԱՏԻԺ, ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՅՈՅՍ

3 1 Ես այն մարդն եմ, որ տառապանք տեսայ անոր բարկութեան գաւազանովը.

 Զիս տարաւ խաւարի մէջ պտըտցուց եւ ո՛չ թէ լոյսի մէջ։

 Այո՛, ինծի դէմ դարձաւ, ամէն օր իր ձեռքը իմ վրաս դարձուց։

 Իմ մարմինս ու մորթս մաշեցուց, ոսկորներս կոտրտեց։

 Ինծի դէմ պատնէշներ շինեց եւ զիս դառնութեամբ ու նեղութեամբ շրջապատեց։

 Զիս մութ տեղեր նստեցուց շատոնց մեռածներու պէս։

 Իմ բոլորտիքս ցանկ քաշեց ուստի չեմ կրնար դուրս ելլել։

Իմ շղթաներս ծանրացուց։

 Մինչեւ անգամ աղաղակած ու կանչած ատենս՝ անիկա իմ աղօթքս մերժեց։

 Իմ ճամբաներս տաշուած քարերով շրջապատեց, իմ շաւիղներս ծռեց։

10 Անիկա ինծի դարանակալ արջի պէս ու ծածուկ տեղը պահուըտած առիւծի պէս եղաւ։

11 Իմ ճամբաներս խոտորցուց եւ զիս պատառեց, զիս ամայացուց։

12 Իր աղեղը լարեց ու զիս նետի նշանակէտի պէս կայնեցուց։

13 Իր նետերը երիկամունքներուս մէջ խոթեց։

14 Իմ բոլոր ժողովուրդիս ծաղրանքի առարկայ եղայ ու բոլոր օրը անոնց երգին՝ նիւթը։

15 Զիս դառնութիւններով կշտացուց եւ օշինդրով գինովցուց։

16 Նաեւ ակռաներս խիճերով կոտրտեց, զիս մոխիրով ծածկեց։

17 Այսպէս իմ հոգիս խաղաղութենէ հեռացաւ, բարիքը մոռցայ.

18 Ու ըսի. ‘Կորսուեցաւ իմ զօրութիւնս եւ իմ ակնկալութիւնս Տէրոջմէ’։

19 Յիշէ՛ իմ տառապանքս ու թշուառութիւնս, օշինդրն ու դառնութիւնը։

20 Իմ հոգիս միշտ կը յիշէ զանոնք ու իմ ներսիդիս կը նուաստանայ։

21 Ասիկա միտքս կը բերեմ, անոր համար յոյս կ’ունենամ։

22 Տէրոջը ողորմութեամբ չհատանք, վասն զի անոր գթութիւնը չպակսեցաւ.

23 Անոնք ամէն առտու կը նորոգուին, քու ճշմարտութիւնդ մեծ է։

24 Իմ հոգիս ըսաւ. ‘Տէրը իմ բաժինս է, այս պատճառով անոր պիտի յուսամ’,

25 Տէրը բարի է իրեն ապաւինողներուն ու զինք փնտռող հոգիին։

26 Տէրոջը փրկութեան սպասելն ու լռութեամբ յուսալը աղէկ է։

27 Աղէկ է որ մարդ իր երիտասարդութեան ատեն լուծը կրէ։

28 Առանձին կը նստի ու լուռ կը կենայ, քանզի լուծը անոր վրայ դրուեցաւ։

29 Իր բերանը հողին կու տայ, ըսելով թէ ‘Թերեւս յոյս կայ’.

30 Իր ծնօտը զանիկա զարնողին կու տայ ու նախատինքով կը կշտանայ։

31 Բայց Տէրը յաւիտեան չի մերժեր։

32 Թէեւ ցաւ կու տայ, իր ողորմութեան շատութիւնովը գթութի՛ւն ալ կ’ընէ։

33 Քանզի իր կամքովը նեղութիւն չի տար ու մարդու որդիները չի տրտմեցներ։

34 Երկրի բոլոր բանտարկեալները ոտքի տակ ճզմելը,

35 Բարձրեալին առջեւ մարդու մը իրաւունքը ծռելը,

36 Մարդու մը իր դատին մէջ անիրաւութիւն ընելը Տէրոջը հաճելի չեն։

37 Ո՞վ է անիկա, որ խօսի ու անոր խօսքը կատարուի, եթէ Տէրը հրամայած չէ։

38 Միթէ բարիքն ու չարիքը Բարձրեալին բերնէն չե՞ն ելլեր։

39 Ապրող մարդը ինչո՞ւ տրտունջ ընէ, իր մեղքերուն պատիժին համար։

40 Մեր ճամբաները քննենք ու փորձենք եւ Տէրոջը դառնանք։

41 Մեր սրտերը մեր ձեռքերուն հետ երկինք՝ Աստուծոյ վերցնենք։

42 Մենք յանցանք ըրինք ու ապստամբեցանք եւ դուն թողութիւն չտուիր։

43 Բարկութեամբ ծածկեցիր քու երեսդ ու մեզ հալածեցիր, մեռցուցիր ու չխնայեցիր։ 44 Քեզ ամպով ծածկեցիր, որպէս զի մեր աղօթքը չանցնի։

45 Մեզ ժողովուրդներուն մէջտեղը խոտան ու անարգ ըրիր։

46 Մեր բոլոր թշնամիները մեզի դէմ բերաննին բացեր են։

47 Մեր վրայ վախ ու գուբ, աւերում ու կոտորած եկաւ։

48 Իմ ժողովուրդիս աղջկան աւերման համար աչքէս ջուրի հեղեղներ կ’իջնեն։

49 Իմ աչքս անդադար արցունք կը թափէ ու բնաւ հանգստութիւն պիտի չունենայ,

50 Մինչեւ որ Տէրը երկնքէն նայի ու տեսնէ։

51 Իմ քաղաքիս բոլոր աղջիկներուն համար աչքս հոգիիս նեղութիւն կու տայ։

52 Իմ թշնամիներս զուր տեղ անդադար զիս ճնճղուկի պէս կ’որսան։

53 Իմ կեանքս գուբի մէջ ձգեցին, վրաս քար նետեցին։

54 Ջուրերը գլուխէս վեր բարձրացան. ըսի թէ ‘Ես կտրտուեցայ’.

55 Խորունկ գուբէն քու անունդ կանչեցի, ո՛վ Տէր։

56 Իմ ձայնս լսեցիր։ Իմ հառաչանքիս ու աղաղակիս քու ականջդ մի՛ գոցեր։

57 Քեզի կանչած օրս մօտեցար ու ըսիր. «Մի՛ վախնար»։

58 Իմ հոգիիս դատը վարեցիր, ո՛վ Տէր, իմ կեանքս ազատեցիր։

59 Ո՛վ Տէր, ինծի եղած զրկանքը տեսար, իմ իրաւունքս պաշտպանէ։

60 Անոնց վրէժխնդրութիւնը, անոնց ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները տեսար։

61 Անոնց նախատինքը լսեցիր, ո՛վ Տէր, անոնց ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները,

62 Իմ վրաս ելլողներուն շրթունքները ու ամէն օր ինծի դէմ անոնց խորհած հնարքները։

63 Անոնց նստելուն ու ելլելուն նայէ՛. ես անոնց երգին նիւթն եմ։

64 Ո՛վ Տէր, անոնց հատուցում պիտի ընես՝ իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ։

65 Անոնց սրտի թմրութիւն պիտի տաս, քու անէծքդ պիտի տաս անոնց։

66 Բարկութեամբ պիտի հալածես զանոնք ու Տէրոջը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընես։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ՝ ԱՆԿՈՒՄԷՆ ՅԵՏՈՅ

4 1 Ոսկին ինչպէ՜ս իր գոյնը կորսնցուց ու մաքուր ոսկին փոխուեցաւ։

Սրբարանին քարերը բոլոր փողոցներուն գլուխը թափուեցան։

 Սիօնին պատուական տղաքները, որոնք ընտիր ոսկիի հաւասար էին,

Բրուտի ձեռքով շինուած խեցեղէն ամաններու պէս սեպուեցան։

 Վիշապներն անգամ ծիծերնին կը հանեն ու իրենց լակոտներուն կաթ կու տան.

Իմ ժողովուրդիս աղջիկը անապատի ջայլամներուն պէս անգութ եղաւ։

 Կաթնկերին լեզուն ծարաւէն իր քիմքին փակաւ.

Տղաքները հաց ուզեցին, բայց անոնց տուող չկար։

 Ազնիւ կերակուրներ ուտողները փողոցներուն մէջ յուսակտուր մնացին.

Կարմիր հագուստներով մեծցողները աղբանոցներ գրկեցին։

 Իմ ժողովուրդիս աղջկան անօրէնութիւնը Սոդոմի մեղքէն մեծ եղաւ,

Որ մէկ վայրկեանի մէջ տակնուվրայ եղաւ՝ դեռ ոեւէ մէկուն ձեռքը չդպած։

 Անոր ազնուականները ձիւնէն մաքուր, կաթէն ճերմակ էին.

Անոնց մարմինը յակինթներէն կարմիր էր, անոնց կերպարանքը շափիւղայի կը նմանէր։

 Անոնց դէմքը ածուխէն աւելի սեւ եղաւ, այնպէս որ փողոցներու մէջ չէր ճանչցուէր։

Անոնց մորթը իրենց ոսկորներուն փակաւ, չորցաւ ու փայտի պէս եղաւ։

 Սուրէ մեռածները անօթութենէ մեռածներէն երջանիկ էին,

Վասն զի վերջինները ագարակի արդիւնքներուն պակասութենէն մաշեցան ու մեռան։

10 Գթասիրտ կիներուն ձեռքերը իրենց տղաքը եփեցին,

Իմ ժողովուրդիս աղջկան կոտորածին ատենը իրենց կերակուր եղան։

11 Տէրը իր սրտմտութիւնը կատարեց, իր սաստիկ բարկութիւնը թափեց.

Սիօնի մէջ կրակ բռնկցուց, որ անոր հիմերը սպառեց։

12 Երկրի թագաւորներն ու աշխարհի բոլոր բնակիչները չհաւատացին

Թէ հակառակորդը ու թշնամին Երուսաղէմի դռներէն պիտի մտնեն։

13 Անոր մարգարէներուն մեղքերէն, անոր քահանաներուն անօրէնութիւններէն,

Որոնք անոր մէջտեղը արդարներուն արիւնը թափեցին

14 Փողոցներուն մէջ կոյրերու պէս աստանդական պտըտեցան, արիւնով ապականեցան,

Այնպէս որ մարդ կարող չէր անոնց զգեստներուն դպչիլ։

15 Անոնց կը կանչէին. «Ե՛տ քաշուեցէք, ո՛վ անմաքուրներ, ե՛տ քաշուեցէք, մի՛ դպչիք».

Անոնք փախան ու ասդին անդին պտըտեցան. ազգերու մէջ ըսուեցաւ. «Անոնք անգամ մըն ալ հոս պիտի չբնակին»։

16 Տէրոջը բարկութիւնը ցրուեց զանոնք, անգամ մըն ալ անոնց չի նայիր.

Քահանաներուն պատիւ չըրին, ծերերուն չգթացին։

17 Մեզի գալիք օգնութեանը համար պարապ տեղ մինչեւ հիմա աչքերնիս մաշեցան.

Դիտելով սպասեցինք այնպիսի ազգի մը, որ չէր կրնար մեզ ազատել։

18 Մեր քայլերը կ’որսան, որպէս զի մեր փողոցներուն մէջ չպտըտինք.

Մեր վախճանը մօտեցաւ, մեր օրերը լեցուեցան, յիրաւի մեր վախճանը հասաւ։

19 Մեզ հալածողները երկնքի արծիւներէն արագընթաց եղան. մեզ լեռներու վրայ Հալածեցին, անապատի մէջ մեզի համար դարանամուտ եղան։

20 Մեր ռնգունքներուն շունչը, Տէրոջը օծեալը, անոնց որոգայթներուն մէջ բռնուեցաւ,

Որու համար մենք կ’ըսէինք. ‘Ազգերուն մէջ անոր հովանիին տակ պիտի ապրինք’։

21 Ցնծա՛ եւ ուրախ եղի՛ր, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, որ Հուս երկրին մէջ կը բնակիս.

Քեզի ալ պիտի անցնի բաժակը. պիտի գինովնաս ու ինքզինքդ պիտի մերկացնես։

22 Քու անօրէնութիւնդ վերջացաւ, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ա՛լ քեզ գերի պիտի չքշեն։

Քու անօրէնութիւնդ պիտի պատժէ, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, քու մեղքերդ պիտի յայտնէ։

ԳՈՒԹԻ ԽՆԴՐԱՆՔ

5 1 Մեզի եղածը յիշէ՛, ո՛վ Տէր, նայէ՛ ու մեր նախատինքը տե՛ս։

 Մեր ժառանգութիւնը օտարներուն անցաւ,

Մեր տուները՝ օտարազգիներուն։

 Հայր չունեցող որբեր եղանք,

Մեր մայրերը որբեւայրիներու պէս են։

 Մեր ջուրը ստակով խմեցինք,

Մեր փայտը ծախու կ’առնենք։

 Լուծը մեր պարանոցին վրայ ըլլալով կը հալածուինք,

Կ’աշխատինք ու հանգստութիւն չունինք։

 Հացով կշտանալու համար

Դէպի Եգիպտոս ու Ասորեստան ձեռք երկնցուցինք։

 Մեր հայրերը մեղք գործեցին եւ չկան

Ու անոնց անօրէնութիւններուն պատիժը մենք կը կրենք։

 Ծառաներ տիրեցին մեր վրայ,

Անոնց ձեռքէն մեզ ազատող չկայ։

 Անապատի սուրին երեսէն

Մեր հացը՝ մեր կեանքը վտանգելով ձեռք բերինք.

10 Սովին սաստկութեանը պատճառով

Մեր մորթը փուռի պէս տաքցաւ։

11 Կիները Սիօնի մէջ խայտառակուեցան

Ու կոյսերը՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ։

12 Իշխանները անոնց ձեռքով կախուեցան.

Ծերերուն պատիւ չըրին։

13 Երիտասարդները երկանաքարեր վերցուցին

Ու տղաքը փայտի տակ ինկան։

14 Ծերերը դադարեցան դուռը նստելէն

Ու երիտասարդները՝ իրենց երաժշտութենէն։

15 Մեր սրտին ուրախութիւնը դադարեցաւ,

Մեր կաքաւելը սուգի փոխուեցաւ։

16 Մեր գլխուն թագը ինկաւ.

Հիմա վա՜յ մեզի, վասն զի մեղք գործեցինք։

17 Ասոր համար մեր սիրտը նուաղած է,

Ասոնց պատճառով աչքերնիս խաւարեցան։

18 Սիօն՝ լերանը պատճառով, որ ամայի եղաւ։

Անոր վրայ աղուէսներ կը պտըտին։

19 Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը մնաս.

Քու աթոռդ դարէ դար պիտի տեւէ։

20 Ինչո՞ւ համար յաւիտեան մեզ կը մոռնաս

Ու երկար ժամանակ մեզ կը թողուս։

21 Քեզի դարձո՛ւր մեզ, ո՛վ Տէր ու դառնանք.

Մեր օրերը առաջուան պէս նորոգէ՛։

22 Սակայն դուն բոլորովին մեզ մերժեցիր,

Մեր վրայ խիստ շատ բարկացար։