ԵՐԿՐՈՐԴ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ ՊԵՏՐՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

ԵՐԿՐՈՐԴ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ ՊԵՏՐՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

1 1 Շմաւոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ եւ առաքեալ՝ ձեզի, որ մեզի հետ նոյն պատուական հաւատքին հասաք մեր Աստուծոյն ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին արդարութիւնովը. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ աւելնան Աստուծոյ ու մեր Տէրոջը Յիսուսին գիտութիւնովը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՉԸ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս իր աստուածային զօրութիւնը կեանքի եւ աստուածպաշտութեան վերաբերեալ բոլոր բաները մեզի տուաւ անոր գիտութիւնովը՝ որ մեզ փառքով ու առաքինութիւնով հրաւիրեց, Որոնցմով ամենամեծ ու պատուական խոստումներ տրուած են մեզի, որպէս զի ասոնցմով աստուածային բնութեանը հաղորդակցինք՝ աշխարհի ցանկութենէն յառաջ եկած ապականութենէն փախչելով։ Եւ այս բանին համար բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն Եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն Ու աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր, Քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ։ Բայց որուն քով որ այս բաները չկան, անիկա կոյր է ու կարճատես, որ մոռցեր է իր առաջուան մեղքերէն մաքրուիլը։ 10 Ասոր համար, ե՛ղբայրներ, աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք. 11 Քանզի ասանկով ձեզի առատօրէն իրաւունք պիտի շնորհուի մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնել։ 12 Ուստի երբեք զանցառու պիտի չըլլամ այս բաները մտքերնիդ ձգելու, թէեւ գիտէք եւ հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ։ 13 Պարտականութիւն կը սեպեմ, որքան ատեն որ մարմնի մէջ եմ, մտքերնիդ ձգելով՝ ձեզ արթնցնել։ 14 Քանզի գիտեմ թէ ես շուտով այս իմ մարմնէս պիտի մերկանամ, ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը յայտնեց ինծի։ 15 Ուստի պիտի ջանամ որ իմ աշխարհէն ելլելէս ետքն ալ միշտ կարող ըլլաք այս բաները յիշել։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՓԱՌՔԻՆ ԱԿԱՆԱՏԵՍՆԵՐ

16 Վասն զի ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով։ 17 Վասն զի ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ 18 Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ։ 19 Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի։ 20 Բայց առաջ ասիկա գիտցէք, թէ գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ 21 Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան։

ՍՈՒՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

2 1 Սուտ մարգարէներ ալ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ պիտի ըլլան, որոնք գաղտուկ պիտի մտցնեն կորստաբեր հերձուածներ ու զիրենք ծախու առնող Տէրը ուրանալով՝ իրենց վրայ պիտի բերեն արագահաս կորուստը։ Շատեր անոնց կորստական ընթացքներուն ետեւէն պիտի երթան, որոնց համար ճշմարտութեան ճամբուն պիտի հայհոյեն. Եւ ագահութիւնով՝ խորամանկութեամբ հնարուած խօսքերով ձեզ պիտի շահագործեն. որոնց դատապարտութիւնը շատոնցմէ պատրաստ ըլլալով՝ պիտի չուշանայ ու անոնց կորուստը պիտի չմրափէ։

Վասն զի եթէ Աստուած մեղք գործող հրեշտակներուն չխնայեց, հապա խաւարի կապերով տարտարոսը ձգած՝ դատաստանի պահել տուաւ Ու առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ. Եւ Սոդոմ ու Գոմորի քաղաքները մոխիր դարձնելով ու կործանելով դատապարտեց, ետքը ամբարիշտ մարդոց օրինակ ըրաւ զանոնք. Բայց ազատեց արդար Ղովտը, որ անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր. Վասն զի այն արդարը անոնց մէջ կենալով՝ աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր իր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը. Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել։

10 Մանաւանդ անոնք որ պղծալից ցանկութեամբ մարմնի ետեւէ կ’երթան եւ տէրութիւնը կ’անարգեն, ինքնահաւան եւ յանդուգն են, չեն վախնար մեծափառներուն հայհոյելէ։ 11 Երբ հրեշտակները, որ անոնցմէ շատ մեծ են զօրութիւնով ու կարողութիւնով, Տէրոջը առջեւ հայհոյութեամբ դատապարտութիւն չեն բերեր անոնց վրայ։ 12 Բայց ասոնք անբան անասուններու պէս, որ բնականէն որսացուելու եւ սպաննուելու համար են, կը հայհոյեն անոնց որ չեն ճանչնար. անոնք իրենց ապականութիւնովը պիտի ապականին, 13 Անիրաւութեան վարձքը ընդունելով։ Անոնք ցորեկուան մէջ եղած զեղխութիւնը զուարճութիւն կը սեպեն։ Արատ ու բիծ են, իրենց խաբէութիւններովը զուարճանալով՝ երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին. 14 Շնութեամբ լեցուն աչքեր ունին, որ մեղքէ չեն դադարիր. անհաստատ հոգիները կը խաբեն. ագահութեան վարժուած սրտեր ունին եւ անիծեալ զաւակներ են։ 15 Շիտակ ճամբան ձգելով մոլորեցան՝ Բէովրեան Բաղաամին ճամբուն հետեւելով, որ անիրաւութեան վարձքը սիրեց։ 16 Բայց իր անօրէնութեանը յանդիմանութիւնը առաւ, երբ անխօս էշը մարդկային ձայնով խօսելով՝ մարգարէին յիմարութիւնը արգիլեց։ 17 Ասոնք ջուր չունեցող աղբիւրներ են ու փոթորիկէն քշուած մէգեր, որոնց համար թանձր խաւարը պահուած է յաւիտեան։ 18 Քանզի ունայնութեան հպարտ խօսքեր ընելով՝ գիջութիւններով, մարմնի ցանկութիւններով կը խաբեն զանոնք որ քիչ մը առաջ փախեր էին անոնցմէ՝ որ մոլորութեան մէջ կը պտըտին. 19 Անոնց ազատութիւն կը խոստանան, բայց իրենք ապականութեան ծառաներ են. վասն զի ինչ բանէ որ մէկը յաղթուի, անոր ծառայ կ’ըլլայ։ 20 Վասն զի եթէ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին գիտութիւնովը աշխարհին պղծութիւններէն հրաժարելէ յետոյ դարձեալ այն բաներէն բռնուած յաղթուին, անոնց վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։ 21 Վասն զի աղէկ էր անոնց՝ որ բնաւ արդարութեան ճամբան ճանչցած չըլլային, քան թէ ճանչնալէ յետոյ ետ դառնային այն սուրբ պատուիրանքէն՝ որ իրենց յանձնուեցաւ։ 22 Սակայն անոնց պատահեցաւ հին ճշմարիտ առակը, որ կ’ըսէ. «Շունը նորէն իր փսխածին կը դառնայ ու լուացուած խոզը՝ ցեխի մէջ թապլտկելու»։

ՏԷՐՈՋԸ ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

3 1 Սիրելինե՛ր, այս երկրորդ թուղթը կը գրեմ, անով ձեր անկեղծ միտքը արթնցնելու որ յիշէք Եւ նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած խօսքերը եւ մեր՝ այսինքն Տէրոջը ու Փրկչին առաքեալներուն՝ պատուէրները մտքերնիդ բերէք։ Բայց նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն Եւ պիտի ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր»։ Քանզի անոնք որոնց ուզածը այս է, այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. Որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։ Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը։ Այս մէկ բանը ձեզմէ ծածուկ չմնայ, սիրե՛լիներ, թէ Տէրոջը քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս։ Տէրը չ’ուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։ 10 Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին։ 11 Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով 12 Ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին։ 13 Սակայն իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի։

14 Ուստի, սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով։ 15 Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ՝ իրեն տրուած իմաստութիւնովը գրեց ձեզի. 16 Ինչպէս բոլոր թուղթերուն մէջ ալ այս բաներուն վրայով կը խօսի. որոնց մէջ քանի մը դժուարիմաց խօսքեր կը գտնուին, որոնք տգէտներն ու անհաւատները ծուռ կը մեկնեն, ինչպէս ուրիշ գրքեր ալ՝ իրենց անձին կորուստին համար։ 17 Ուրեմն դուք, սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք. 18 Հապա աճեցէ՛ք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը։ Անոր փառք հիմա ու մինչեւ յաւիտեան։ Ամէն։