ԳԻՐՔ ԵԶՐԱՍԱՅ

ԳԻՐՔ ԵԶՐԱՍԱՅ

ԿԻՒՐՈՍ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ Կ’ԱՐՏՕՆԷ

1 1 Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին՝ որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, Տէրը Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով.

«Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսիկներու թագաւորը. ‘Երկնքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ ու անիկա ինծի պատուիրեց, որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Աստուածը իրեն հետ ըլլայ, թող Յուդայի Երուսաղէմը երթայ եւ Իսրայէլին Եհովա Աստուծոյն, այն Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն, տունը շինէ։ Անոր քաղաքացիները, այսինքն բոլոր մնացողները, իրենց պանդխտութեանը տեղէն արծաթով, ոսկիով, ինչքերով ու անասուններով անոր օգնեն, Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն տանը համար տրուած կամաւոր ընծաներէն զատ’»։

Այն ատեն Յուդայի ու Բենիամինի տոհմերուն իշխանները եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները ոտքի ելան այն բոլոր մարդոց հետ, որոնց հոգին Աստուած արթնցուցեր էր, որպէս զի երթան Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը տունը շինեն։ Անոնց շուրջը եղողները ամէնքը կամաւոր ընծաներէն զատ արծաթէ ամաններով, ոսկիով, ինչքերով ու անասուններով եւ պատուական պարգեւներով անոնց օգնեցին։

Կիւրոս թագաւորը Տէրոջը տանը անօթները հանեց, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն հաւաքելով՝ իր աստուծոյն տունը դրեր էր. Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը զանոնք Միթրիդատ գանձապետին ձեռքով հանել տուաւ ու համրանքով Յուդայի Սասբասար նախարարին յանձնեց։ Այս էր անոնց թիւը՝ երեսուն ոսկեղէն կոնք, հազար արծաթեղէն կոնք, քսանըինը դանակ, 10 Երեսուն ոսկեղէն տաշտ՝ չորս հարիւր տասը արծաթէ տաշտ՝ երկրորդ կարգէն եւ հազարաւոր ուրիշ անօթներ։ 11 Բոլոր ոսկիէ ու արծաթէ ամանները հինգ հազար չորս հարիւր հատ էին։ Անոնց ամէնքը Սասբասար Բաբելոնի գերութենէն գացողներուն հետ ղրկեց։

ԱՔՍՈՐԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՂՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԸ

(Նէեմ. 7։4-73)

2 1 Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին Բաբելոն գերի տարած գաւառի բնակիչները ասոնք էին, որոնք Երուսաղէմ ու Յուդա դարձան, ամէն մէկը իր քաղաքը։ Զօրաբաբէլին, Յեսուին, Նէեմիային, Սարայիային, Հռէէդիային, Մուրթքէին, Բագասանին, Մասփարին, Բագուէին, Հռէումին ու Բաանային հետ եկան։ Ահա Իսրայէլի ժողովուրդին մարդոց թիւը՝ Փարոսի որդիները երկու հազար հարիւր եօթանասունըերկու. Սափատիայի որդիները երեք հարիւր եօթանասունըերկու. Արահի որդիները եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ. Փաաթ–Մովաբի որդիները, Յեսուի ու Յովաբի որդիներէն, երկու հազար ութ հարիւր տասնըերկու. Եղամի որդիները հազար երկու հարիւր յիսունըչորս. Զաթուի որդիները ինը հարիւր քառասունըհինգ. Զաքքայի որդիները եօթը հարիւր վաթսուն. 10 Բանիի որդիները վեց հարիւր քառասունըերկու. 11 Բեբայի որդիները վեց հարիւր քսանըերեք. 12 Ազգադի որդիները հազար երկու հարիւր քսանըերկու. 13 Ադոնիկամի որդիները վեց հարիւր վաթսունըվեց. 14 Բագուէի որդիները երկու հազար յիսունըվեց. 15 Ադինի որդիները չորս հարիւր յիսունըչորս. 16 Ատերի որդիները Եզեկիայէ իննիսունըութը 17 Բեսէիի որդիները երեք հարիւր քսանըերեք. 18 Յօրայի որդիները հարիւր տասնըերկու. 19 Հասումի որդիները երկու հարիւր քսանըերեք. 20 Գաբերի որդիները իննիսունըհինգ. 21 Բեթլեհէմի որդիները հարիւր քսանըերեք. 22 Նետոփայի մարդիկը յիսունըվեց. 23 Անաթովթի մարդիկը հարիւր քսանըութը. 24 Ազամօթի որդիները քառասունըերկու. 25 Կարիաթարիմի, Կեփիրայի ու Բերովթի որդիները եօթը հարիւր քառասունըերեք. 26 Ռամայի ու Գաբայի որդիները վեց հարիւր քսանըմէկ. 27 Մաքմասի մարդիկը հարիւր քսանըերկու. 28 Բեթէլի ու Գայիի մարդիկը երկու հարիւր քսանըերեք. 29 Նաբաւի որդիները յիսունըերկու. 30 Մակեբիսի որդիները հարիւր յիսունըվեց. 31 Միւս Եղամի որդիները հազար երկու հարիւր յիսունըչորս. 32 Հարիմի որդիները երեք հարիւր քսան. 33 Ղովդի, Ադիդի ու Ովնովի որդիները եօթը հարիւր քսանըհինգ. 34 Երիքովի որդիները երեք հարիւր քառասունըհինգ. 35 Սենաայի որդիները երեք հազար վեց հարիւր երեսուն։

36 Քահանաները, Յեսուի տունէն Յեդայիայի որդիները ինը հարիւր եօթանասունըերեք. 37 Եմմերի որդիները հազար յիսունըերկու. 38 Փասուրի որդիները հազար երկու հարիւր քառասունըեօթը. 39 Հարիմի որդիները հազար տասնըեօթը հոգի էին։

40 Ղեւտացիները, Ովդուիայի որդիներէն, Յեսուի ու Կադմիէլի որդիները եօթանասունըչորս հոգի էին։

41 Երգողները, Ասափի որդիները, հարիւր քսանըութը հոգի էին։

42 Դռնապաններուն որդիները, Սեղղումի որդիները, Ատերի որդիները, Տեղմոնի որդիները, Ակկուբի որդիները, Ատիտայի որդիները, Սուբայի որդիները ամէնքը հարիւր երեսունըինը հոգի էին։

43 Նաթանայիմները ասոնք էին՝ Սիայի որդիները, Ասուփայի որդիները, Տաբաովդի որդիները, 44 Կերոսի որդիները, Սիայի որդիները, Փադօնի որդիները, 45 Ղաբանայի որդիները, Ագաբայի որդիները, Ակկուբի որդիները, 46 Ագաբի որդիները, Սաղամէի որդիները, Անանի որդիները, 47 Գեդդէլի որդիները, Գաաբի որդիները, Ռէայիայի որդիները, 48 Ռասինի որդիները, Նեկոդայի որդիները, Գաղամի որդիները, 49 Ոզայի որդիները, Փասէի որդիները, Բասիի որդիները, 50 Ասենայի որդիները, Մովանիմի որդիները, Նեփուսիմի որդիները, 51 Բակբոկի որդիները, Ակուփայի որդիները, Արուրի որդիները, 52 Բասաղօթի որդիները, Մէիդայի որդիները, Արսայի որդիները, 53 Բարկոսի որդիները, Սիսարայի որդիները, Թամայի որդիները, 54 Նեսիայի որդիները, Ատեփայի որդիները. 55 Սողոմոնի ծառաներուն որդիները, Սոտէի որդիները, Սոփերաթի որդիները, 56 Փարեդայի որդիները, Յեղայի որդիները, Դերկոնի որդիները, 57 Գեդդէլի որդիները, Սափատիայի որդիները, Ատտիլի որդիները, Փաքարաթ–Ասեփայիմի որդիները, Ամիի որդիները. 58 Բոլոր Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները երեք հարիւր իննիսունըերկու հոգի էին։

59 Ու Թեղմեղայէ, Թեղարսայիէ, Քերուբէ, Ադդանէ ու Եմմերէ ելլողները ասոնք էին եւ իրենց հայրերուն տունն ու իրենց սերունդը, այսինքն Իսրայէլէ ըլլալնին, ցուցնելու կարող չեղան։ 60 Դաղայիայի որդիները, Տուբիայի որդիները ու Նեկոդայի որդիները վեց հարիւր յիսունըերկու մարդ։ 61 Եւ քահանաներուն որդիներէն՝ Աբայիայի որդիները, Ակկուսի որդիները, Բերզելիի որդիները, որ Գաղաադացի Բերզելիի աղջիկներէն կին առնելով՝ անոնց անունովը կոչուեցան։ 62 Ասոնք իրենց ազգաբանութեան գիրքը փնտռեցին, բայց չկրցան գտնել ու անմաքուր սեպուելով՝ քահանայութենէ արգիլուեցան։ 63 Եւ Աթարսաթա անոնց ըսաւ. «Մինչեւ որ Ուրիմով ու Թումիմով քահանայ մը չելլէ, անոնք ամենասուրբ բաներէն թող չուտեն»։

64 Գերութենէ դարձող ժողովուրդին ընդհանուր թիւը քառասունըերկու հազար երեք հարիւր վաթսուն հոգի էին, 65 Բացի անոնց ծառաներէն ու աղախիններէն, որոնք եօթը հազար երեք հարիւր երեսունըեօթը հոգի էին ու անոնց մէջ երկու հարիւր այր եւ կին երգողներ կային։ 66 Անոնց ձիերը եօթը հարիւր երեսունըվեց, ջորիները՝ երկու հարիւր քառասունըհինգ, 67 Ուղտերը՝ չորս հարիւր երեսունըհինգ ու էշերը՝ վեց հազար եօթը հարիւր քսան հատ էին։

68 Տոհմերու իշխաններէն ոմանք, երբ Երուսաղէմ եղող Տէրոջը տունը գացին, Աստուծոյ տանը կամաւոր ընծաներ տուին, որպէս զի զանիկա իր տեղը հաստատեն։ 69 Անոնք իրենց կարողութեանը չափ վաթսունըմէկ հազար դրամ ոսկի ու հինգ հազար մնաս արծաթ ու հարիւր քահանայական պատմուճան տուին գործաւորութեան գանձին։ 70 Քահանաներն ու Ղեւտացիները ու ժողովուրդէն եղողները, երգողները, դռնապանները եւ Նաթանայիմները իրենց քաղաքներուն մէջ ու բոլոր Իսրայէլ իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան։

ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ՍԿՍԻ

3 1 Երբ եօթներորդ ամիսը հասաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ էին։ Ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան։ Եւ Յովսեդեկեան Յեսուն ու անոր քահանայ եղբայրները եւ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու անոր եղբայրները ելան ու Իսրայէլի Աստուծոյն սեղանը շինեցին, որպէս զի անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանեն, ինչպէս Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին օրէնքի գրքին մէջ գրուած է։ Ու սեղանը իր տեղը շինեցին. վասն զի այն երկիրներուն ժողովուրդներէն կը վախնային եւ անոր վրայ Տէրոջը առաւօտեան ու երեկոյեան ողջակէզները մատուցանեցին։ Եւ տաղաւարահարաց տօնը գրուածին պէս կատարեցին ու ամէն օրուան ողջակէզները իրենց թիւովը օրէ օր հրամայուածին պէս մատուցանեցին։ Անկէ ետքը մշտնջենական ողջակէզը ու ամսագլուխներու եւ Տէրոջը ամէն սուրբ տօներուն ողջակէզները մատուցանեցին. նաեւ այն կամաւոր ընծաները՝ որոնք ամէն մարդ յօժար սրտով Տէրոջը կը մատուցանէր։ Եօթներորդ ամսուն առաջին օրէն Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանելու սկսան. բայց Տէրոջը տաճարին հիմը տակաւին դրուած չէր։ Քարահատներուն ու հիւսներուն ստակ ու Սիդոնացիներուն եւ Տիւրացիներուն ուտելիք ու խմելիք ու իւղ տուին, որպէս զի Լիբանանէն ծովով եղեւնափայտեր Յոպպէ բերեն, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը անոնց արտօնութիւն տուեր էր։

Անոնց Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ տունը գալուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան մէջ, Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու Յովսեդեկեան Յեսուն եւ անոնց միւս եղբայրները, քահանաներն ու Ղեւտացիները ու Երուսաղէմ դարձող բոլոր գերիները տաճարը շինելու սկսան եւ քսան տարեկանէ վեր եղող Ղեւտացիները Տէրոջը տանը գործին վրայ վերակացու կարգուեցան։ Յեսուն եւ անոր որդիները ու եղբայրները եւ Կադմիէլն ու անոր որդիները, Յուդայի որդիները ու Ենադադի որդիները ու անոնց որդիներն ու եղբայրները, Ղեւտացիներուն, գործաւորներուն վրայ վերակացութիւն ընելու ելան մէկ մարդու պէս։

10 Երբ ճարտարապետները Տէրոջը տաճարին հիմը դրին, քահանաները իրենց զգեստները հագած՝ փողերով ու Ղեւտացիները եւ Ասափի որդիները՝ ծնծղաներով, Տէրը օրհնելու համար կեցուցին՝ Դաւիթ թագաւորին կարգադրութեանը համեմատ։ 11 Անոնք փոփոխակի կ’երգէին՝ Տէրոջմէ գոհանալով ու անոր շնորհակալութիւն մատուցանելով, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան է։ Բոլոր ժողովուրդը մեծաձայն աղաղակելով Տէրը օրհնեցին Տէրոջը տանը հիմնադրութեան համար։

12 Քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու տոհմերու իշխաններէն շատեր, որոնք ծեր ըլլալով Տէրոջը նախկին տունը տեսած էին, երբ իրենց աչքին առջեւ այս տանը հիմը դրուեցաւ, մեծ ձայնով լացին ու շատերը իրենց ուրախութենէն ձայներնին վերցնելով աղաղակեցին։ 13 Ժողովուրդը ուրախութեան աղաղակին ձայնն ու բազմութեան լալու ձայնը իրարմէ չէր կրնար զատել. վասն զի բազմութիւնը մեծ ցնծութեան ձայնով կ’աղաղակէր ու ձայներնին մինչեւ հեռու տեղեր կը լսուէր։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

4 1 Յուդայի ու Բենիամինի թշնամիները, երբ լսեցին թէ գերութենէ վերադարձողները Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տաճարը կը շինեն, Զօրաբաբէլին ու նահապետներուն մօտեցան ու անոնց ըսին. «Մենք ալ ձեզի հետ շինենք. քանզի մենք ալ ձեզի պէս ձեր Աստուածը կը պաշտենք ու մեզ հոս բերող Ասորեստանի Ասորդան թագաւորին օրերէն ի վեր անոր զոհ կը մատուցանենք»։ Բայց Զօրաբաբէլն ու Յեսուն եւ Իսրայէլի միւս նահապետները անոնց ըսին. «Չի վայլեր ձեզի որ մէկտեղ մեր Աստուծոյն տուն շինենք. հապա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տունը մինակ մենք պիտի շինենք, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը մեզի հրամայեց»։ Այն երկրին ժողովուրդը Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէին ու անոնց շինութիւնը կը խափանէին։ Եւ անոնց խորհուրդը խափանելու համար՝ վարձքով անոնց դէմ օրէնսգէտներ բռնեցին Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին օրերը ու մինչեւ Պարսիկներու Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը ժամանակը։ Ասուերոսի թագաւորութեան սկիզբը, Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն դէմ ամբաստանութեան գիր գրեցին։

Արտաշէսի օրերը Բեսեղամը, Միթրիդատը, Տաբէէլն եւ ուրիշ ընկերներ Պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին գրեցին։ Նամակը Ասորերէն գրուած էր ու մեկնութիւնը Ասորերէն էր։ Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը Երուսաղէմի դէմ այս կերպով նամակ մը գրեցին Արտաշէս թագաւորին։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ

Այն ատեն Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը եւ անոնց միւս ընկերները՝ Դինացիներ, Ափարսաթաքացիներ, Տարփաղեցիներ, Ափերսացիներ, Արքուեցիներ, Բաբելոնացիներ, Շուշանացիներ, Դաւեցիներ, Եղամացիներ 10 Եւ մնացած ազգերը, որոնք մեծ ու պատուական Ասենափարը փոխադրեց ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուց եւ ուրիշներ, որոնք Գետին ասդիի կողմը կը գտնուին, նամակ մը գրեցին։ 11 Այս է այն նամակին օրինակը, որ Արտաշէս թագաւորին ղրկեցին.

«Գետին ասդիի կողմը բնակող քու ծառաներդ բարեւ կը ղրկեն։ 12 Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ որ ձեր կողմէ մեզի եկող Հրեաները Երուսաղէմ եկան ու հիմեր ձգելով ու պարիսպներ բարձրացնելով՝ ապստամբ քաղաք մը կը շինեն։ 13 Հիմա թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ եթէ այս քաղաքը նորէն շինուի ու անոր պարիսպները բարձրացուին, անոնք հարկ, տուրք ու մաքս պիտի չտան եւ այս պատճառով թագաւորական հարկերը պիտի վնասուին։ 14 Մեր ռոճիկը պալատէն տրուելուն համար՝ չենք կրնար թագաւորին վնասին համաձայնիլ, ատոր համար այս նամակը ղրկեցինք ու թագաւորիդ իմացուցինք. 15 Որպէս զի քու հայրերուդ յիշատակներու գրքին մէջ փնտռես, գտնես ու իմանաս որ այն քաղաքը ապստամբ եւ թագաւորներուն եւ գաւառներուն վնասակար քաղաք մը եղած է եւ թէ հին ատենը անոր մէջ դաւաճանութիւն եղած է ու անոր համար այս քաղաքը կործանուեր է։ 16 Մենք թագաւորիդ կ’իմացնենք, որ եթէ այս քաղաքը շինուի ու անոր պարիսպները նորոգուին, այն պատճառով Գետին ասդիի կողմը բաժին պիտի չունենաս»։

17 Իսկ թագաւորը Հռէում հրամանատարին եւ Սամսայ դպիրին ու Սամարիայի մէջ բնակող անոնց մնացած ընկերներուն ու Գետին անդիի կողմը եղող մնացածներուն հրովարտակ ղրկեց այս խօսքերով.

18 «Ողջո՜յն, եւ այլն։ Մեզի ղրկած նամակնիդ իմ առջեւս յայտնապէս կարդացուեցաւ։ 19 Ես հրաման ըրի եւ փնտռեցին եւ գտան թէ այն քաղաքը հին ատենէն ի վեր թագաւորներու դէմ դրեր է ու անոր մէջ ապստամբութիւն ու դաւաճանութիւն եղեր է։ 20 Ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր թագաւորներ եղած են, որոնք բոլոր Գետին անդիի կողմը եղողներուն վրայ տիրած են ու իրենց հարկ, տուրք ու մաքս տրուեր է։ 21 Հիմա պատուէր տուէք, որ այն մարդիկը արգիլեն քաղաքին շինուիլը, մինչեւ իմ կողմէ նոր հրովարտակ մը տրուի։ 22 Զգոյշ եղէք եւ այս բանին համար անհոգութիւն մի՛ ընէք. չըլլայ որ չարութիւնը շատնայ, թագաւորները վնասուին»։

23 Երբ Արտաշէս թագաւորին նամակին օրինակը Հռէումի ու Սամսայ դպիրին եւ անոնց ընկերներուն առջեւ կարդացուեցաւ, արտորնօք Երուսաղէմ գացին Հրեաներուն եւ բռնութեամբ շինելը արգիլեցին։ 24 Այն ատեն Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը շինութիւնը արգիլուեցաւ ու մինչեւ Պարսից Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը երկրորդ տարին արգիլուած մնաց։

ՏԱՃԱՐԻՆ ԳՈՐԾԸ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ՍԿՍԻ

5 1 Անգէ մարգարէն ու Ադդովի որդին Զաքարիա մարգարէն Իսրայէլի Աստուծոյն անունովը մարգարէութիւն ըրին Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող Հրեաներուն։ Այն ատեն Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու Յովսեդեկեան Յեսուն ելան ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը շինել սկսան։ Աստուծոյ մարգարէները անոնց հետ ըլլալով՝ անոնց օգնեցին։

Այն ատեն Եփրատ գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային ու Սաթրաբուզան իրենց ընկերներովը անոնց եկան եւ այսպէս ըսին. «Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք»։ Ապա հարցուցին շինողներուն անունները։ Բայց Աստուծոյ աչքը Հրեաներուն ծերերուն վրայ ըլլալով՝ գործը չարգիլեցին մինչեւ որ Դարեհի նոր հրովարտակը բերել տան։

Այս է այն նամակին օրինակը, որ Թաթանային ու Սաթրաբուզան ու անոնց ընկեր Ափարսաքացիները Դարեհ թագաւորին ղրկեցին, Որուն մէջ այսպէս գրուած էր.

«Դարեհ թագաւորին շատ բարեւ։ Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ Հրէաստանի գաւառը, մեծ Աստուծոյն տունը գացինք, որը մեծ քարերով կը շինուի, անոր պատերուն մէջ փայտեր կը դրուին, գործը փութով յառաջ կը տարուի ու պիտի լրանայ։ Այն ծերերուն հարցուցինք թէ՝ ‘Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք’։ 10 Ու քեզի իմացնելու համար շինողներուն անունն ալ հարցուցինք, որպէս զի անոնց առաջնորդ եղող մարդոց անունները քեզի գրենք։ 11 Անոնք այս պատասխանը տուին. ‘Մենք երկնքի ու երկրի Աստուծոյն ծառաներն ենք ու շատ տարիներէ առաջ շինուած տունը կը նորոգենք որ Իսրայէլի մէկ մեծ թագաւորը շինեց ու լմնցուց։ 12 Բայց մեր հայրերը երկնքի Աստուածը բարկացուցած են, Աստուած ալ զանոնք Բաբելոնի թագաւորին, Քաղդէացի Նաբուգոդոնոսորի, ձեռքը մատնեց։ Ան ալ այս տունը աւերեց ու ժողովուրդը Բաբելոն գերի տարաւ։ 13 Բայց Բաբելոնի Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին Կիւրոս թագաւորը այս Աստուծոյ տունը շինելու հրաման տուաւ։ 14 Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմի տաճարէն հանելով՝ Բաբելոնի տաճարը տարեր էր, Կիւրոս թագաւորը Բաբելոնի տաճարէն հանեց ու Սասբասար անունով մէկուն յանձնեց, որը նախարար ըրաւ 15 Ու անոր ըսաւ. «Այս անօթները ա՛ռ, գնա՛ զանոնք Երուսաղէմ եղող տաճարը տար ու Աստուծոյ տունը իր տեղը թող շինուի»։ 16 Այն ատեն Սասբասար եկաւ ու Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը հիմը ձգեց եւ այն ատենէն մինչեւ հիմա կը շինուի, բայց չէ լմնցած’։ 17 Ու հիմա եթէ թագաւորը կը հաճի, հոն Բաբելոն եղող թագաւորին գանձատանը մէջ թող փնտռուի, թէ արդեօք Կիւրոս թագաւորը հրաման տուե՞ր է որ Երուսաղէմի մէջ այս Աստուծոյ տունը շինուի։ Թագաւորը այս բանին վրայով իր կամքը թող մեզի յայտնէ»։

ԿԻՒՐՈՍ ԿԱՅՍՐԻՆ ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ

6 1 Այն ատեն Դարեհ թագաւորը հրաման ըրաւ ու հոն Բաբելոնի դիւանին մէջ փնտռեցին, ուր գանձերը կը պահուէին։ Մարերու գաւառին մէջ եղող Եկբատանայի պալատին մէջ տոմս մը գտնուեցաւ, որուն մէջ այս կերպով գրուած յիշատակարան մը կար.

«Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, Կիւրոս թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տանը համար հրաման տուաւ, որ այն տունը շինուի, ուր զոհ կը մատուցանեն եւ անոր հիմերը ամուր ըլլան. անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն, Երեք կարգ մեծ քարերէ ու մէկ կարգ նոր փայտէ ըլլայ ու անոր ծախքը թագաւորին տունէն տրուի Եւ Նաբուգոդոնոսորի Երուսաղէմի տաճարէն հանած ու Բաբելոն բերած՝ Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ ետ տրուին ու Երուսաղէմ եղող տաճարը ու Աստուծոյ տունը դրուին»։

ԴԱՐԵՀ ԿԱՅՍՐԸ ԳՈՐԾԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ

«Արդ՝ Գետին անդիի կողմի իշխան Թաթանային, Սաթրաբուզան ու Գետին անդիի կողմը եղող անոնց ընկերներ Ափարսաքացիներ, անկէ ե՛տ քաշուեցէ՛ք։ Աստուծոյ տանը գործը ազատ ձգեցէ՛ք. Հրեաներու նախարարն ու ծերերը այս Աստուծոյ տունը իր տեղը թող շինեն։ Ես այս հրամանը կու տամ, որպէս զի գիտնաք թէ Հրեաներու ծերերուն ի՞նչ պիտի ընէք Աստուծոյ տանը շինութեանը համար՝ այսինքն արքունի գանձէն, Գետին անդիի կողմէն հաւաքուած հարկէն, այն մարդոցը ծախքը շուտով թող տրուի, որպէս զի դժուարութիւն չունենան։ Անոնց ի՛նչ որ պէտք ըլլայ, թէ՛ զուարակներ, թէ՛ խոյեր եւ թէ՛ գառներ՝ երկնքի Աստուծոյն ողջակէզներու համար, նաեւ ցորեն, աղ, գինի ու իւղ ամէն օր անոնց տրուի անպակաս՝ Երուսաղէմի մէջ եղող քահանաներուն պահանջով, 10 Որպէս զի երկնքի Աստուծոյն անուշահոտ զոհեր մատուցանեն եւ թագաւորին ու անոր որդիներուն կեանքին համար աղօթք ընեն։ 11 Ես կը հրամայեմ՝ ով որ այս խօսքին դէմ կենայ՝ անոր տունէն փայտ մը քակելով տնկեն ու այդ մարդը անոր վրայ գամեն ու այս բանին համար անոր տունը աղբանոց ըլլայ։ 12 Այն Աստուածը, որ իր անունը հոն դրեր է, թող կործանէ ամէն թագաւոր ու ժողովուրդ, որ ձեռք կ’երկնցնէ այս հրամանին դէմ կենալու ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը աւերելու։ Ես Դարեհս այս հրամանը ըրի. թող շուտով գործադրուի»։

ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐՈՒԻ

13 Այն ատեն Գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային, Սաթրաբուզան ու անոնց ընկերները Դարեհ թագաւորին ղրկած հրամանը շուտով կատարեցին։ 14 Եւ Հրեաներուն ծերերը կը շինէին ու կը յաջողէին՝ Անգէ մարգարէին ու Ադդովի որդիին Զաքարիայի մարգարէութիւնովը ու անոնք Իսրայէլի Աստուծոյն հրամանովը եւ Պարսիկներու Կիւրոս ու Դարեհ եւ Արտաշէս թագաւորներուն հրամանովը շինեցին լմնցուցին։ 15 Եւ այս տունը Ադար ամսուան երկրորդ օրը, Դարեհ թագաւորին թագաւորութեան վեցերորդ տարին լմնցաւ։

16 Իսրայէլի որդիները, քահանաներն ու Ղեւտացիները ու միւս գերութենէ վերադարձողները, ուրախութեամբ Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին։ 17 Աստուծոյ տանը նաւակատիքին համար՝ հարիւր զուարակ, երկու հարիւր խոյ, չորս հարիւր գառ ու բոլոր Իսրայէլի մեղքի պատարագ ըլլալու համար՝ Իսրայելացի ցեղերուն թիւովը այծերէն տասներկու նոխազ մատուցանեցին։ 18 Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ սպասաւորութեանը վրայ՝ քահանաները իրենց կարգերուն մէջ ու Ղեւտացիները իրենց դասերուն մէջ կայնեցուցին, ինչպէս Մովսէսին գրքին մէջ գրուած է։

ԶԱՏԻԿԸ

19 Գերութենէ վերադարձողները առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկը ըրին. 20 Ուստի քահանաներն ու Ղեւտացիները մէկտեղ սրբուեցան ու ամէնքն ալ մաքրուեցան ու բոլոր գերութենէ վերադարձողներուն համար եւ քահանաներուն համար ու իրենց համար զատիկը մորթեցին 21 Ու գերութենէ դարձող Իսրայէլի որդիները ու Իսրայէլի Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնց եկողները, որոնք այն երկրին ազգերուն պղծութենէն զատուեր էին՝ ամէնքն ալ կերան։ 22 Եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ուրախութեամբ. վասն զի Տէրը զանոնք ուրախացուց ու Ասորեստանի թագաւորին սիրտը անոնց դարձուց, որպէս զի Աստուծոյ՝ Իսրայէլի Աստուծոյ՝ տանը գործին մէջ անոնց ձեռքը զօրացնէ։

ԵԶՐԱՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ՀԱՍՆԻ

7 1 Այս բաներէն ետքը, Պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը, Եզրաս Սարայիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Քեղկիայի որդին, Որ Սեղղումի որդին, որ Սադովկի որդին, որ Աքիտովբի որդին, Որ Ամարիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Մարիօթի որդին, Որ Զարիայի որդին, որ Ոզէի որդին, որ Բոկկիի որդին, Որ Ափիսուայի որդին, որ Փենէհէսի որդին, որ Եղիազարի որդին, որ մեծ քահանային Ահարոնին որդին էր, Այս Եզրասը Բաբելոնէն ելաւ։ Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տուած Մովսէսին օրէնքին արագագիր դպիրն էր ու իր Տէր Աստուծոյն ձեռքը իր վրայ ըլլալուն համար՝ ամէն խնդրածը թագաւորը անոր կու տար։ Արտաշէս թագաւորին եօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի որդիներէն, քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու երգողներէն եւ դռնապաններէն ու Նաթանայիմներէն ոմանք Երուսաղէմ եկան։ Անիկա հինգերորդ ամսուան մէջ՝ թագաւորին եօթներորդ տարին Երուսաղէմ եկաւ. Քանզի առաջին ամսուան առաջին օրը Բաբելոնէն ելաւ ու Աստուծոյ բարի ձեռքը անոր վրայ ըլլալով՝ հինգերորդ ամսուան առաջին օրը Երուսաղէմ հասաւ, 10 Ուստի Եզրաս իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին։

ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ, ՈՐ ԱՐՏԱՇԷՍ ԿԱՅՍՐԸ ԵԶՐԱՍԻՆ ՏՈՒԱՒ

11 Ասիկա է այն նամակին օրինակը, որ Արտաշէս թագաւորը տուաւ Եզրաս քահանային ու դպիրին, որ Տէրոջը Իսրայէլին տուած պատուիրանքներուն եւ օրէնքներուն հմուտ էր։

12 «Թագաւորներու թագաւորը Արտաշէս, Եզրաս քահանային, երկնքի Աստուծոյն օրէնքին կատարեալ գրիչին. 13 Արդ՝ հրաման կու տամ, որ իմ թագաւորութեանս մէջ եղող Իսրայէլի ժողովուրդէն ու անոր քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն իրենց կամքովը Երուսաղէմ դառնալ ուզողները քեզի հետ դառնան. 14 Վասն զի դուն թագաւորին ու անոր եօթը խորհրդականներուն կողմէ կը ղրկուիս՝ որպէս զի քու ձեռքդ եղած Աստուծոյ օրէնքովը՝ Յուդան ու Երուսաղէմը քննես 15 Եւ տանիս այն արծաթն ու ոսկին, որ թագաւորն ու անոր խորհրդականները իրենց կամքովը ընծայ տուին Իսրայէլի Աստուծոյն, որ կը բնակի Երուսաղէմի մէջ. 16 Նաեւ բոլոր արծաթն ու ոսկին, որ Բաբելոնի բոլոր գաւառին մէջ պիտի գտնես, որ ժողովուրդն ու քահանաները Երուսաղէմի մէջ եղող իրենց Աստուծոյն տանը համար որպէս կամաւոր ընծայ պիտի մատուցանեն, 17 Որպէս զի այն ստակով անյապաղ զուարակներ, խոյեր, գառներ ու անոնց հացի ընծաներն ու ըմպելի նուէրները ծախու առնես ու զանոնք Երուսաղէմ եղող ձեր Աստուծոյն տանը սեղանին վրայ մատուցանես 18 Եւ մնացած արծաթն ու ոսկին ալ՝ քեզի ու քու եղբայրներուդ ինչպէս որ պատշաճ կ’երեւնայ եւ ձեր Աստուծոյն կամքին համեմատ գործածէք։ 19 Այն անօթները, որոնք քու Աստուծոյդ տանը պաշտամունքին համար քեզի տրուեցան, զանոնք տար Երուսաղէմի Աստուծոյ յանձնէ։ 20 Ուրիշ ինչ որ քու Աստուծոյդ տանը համար պէտք ըլլայ, որ քեզի կը վայլէ տալ, զանիկա թագաւորին գանձատունէն տուր։ 21 Ու ես Արտաշէս թագաւորս ձեզի, Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր գանձապետներուդ, կը հրամայեմ, որ Եզրաս քահանան, երկնքի Աստուծոյն օրէնքին դպիրը, ինչ որ ձեզմէ ուզէ, անմիջապէս տաք. 22 Մինչեւ հարիւր տաղանդ արծաթ, մինչեւ հարիւր քոռ ցորեն ու հարիւր մար գինի ու հարիւր մար իւղ ու աղ առանց չափը որոշելու։ 23 Որպէս զի երկնքի Աստուածը ինչ որ կը հրամայէ, շուտով գործադրուի երկնքի Աստուծոյն տանը համար, որպէս զի չըլլայ թէ թագաւորին ու անոր որդիներուն թագաւորութեանը վրայ բարկութիւն գայ։ 24 Ձեզի յայտնի ըլլայ, որ բոլոր քահանաներէն, Ղեւտացիներէն, երգողներէն, դռնապաններէն, Նաթանայիմներէն եւ այս Աստուծոյ տանը սպասաւորներէն հարկ, տուրք ու մաքս առնելու հրաման չկայ։ 25 Եւ դո՛ւն, ո՛վ Եզրաս, քու Աստուծոյդ իմաստութիւնովը որ դուն ունիս, դատաւորներ ու իշխաններ դիր, որոնք Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր ժողովուրդը, այսինքն բոլոր անոնք որ քու Աստուծոյդ օրէնքը գիտեն, դատեն ու չգիտցողներուն սորվեցնեն։ 26 Ով որ քու Աստուծոյդ օրէնքին համեմատ ու թագաւորին օրէնքին համեմատ չընէ, անյապաղ անոր պատիժը գործադրուի՝ կա՛մ մահուամբ, կա՛մ աքսորով, կա՛մ տուգանքով եւ կա՛մ բանտարկութեամբ»։

ԵԶՐԱՍ ՏԷՐԸ ԿԸ ՓԱՌԱԲԱՆԷ

27 «Մեր հայրերուն Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Երուսաղէմի մէջ եղող Տէրոջը տունը փառաւորելու համար՝ այս բանը թագաւորին սրտին մէջ դրաւ 28 Եւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու թագաւորին բոլոր զօրաւոր իշխաններուն առջեւ ինծի շնորհք գտնել տուաւ ու իմ Տէր Աստուծոյս ձեռքը իմ վրաս ըլլալուն համար զօրացայ ու Իսրայէլէն իշխաններ հաւաքեցի, որպէս զի ինծի հետ դառնան»։

ԱՔՍՈՐԷՆ ԴԱՐՁՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

8 1 Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը՝ ինծի հետ Բաբելոնէն դարձողներուն տոհմապետներն ու համրանքը ասոնք են՝ Փենէհէսին որդիներէն Գերսոնը, Իթամարին որդիներէն Դանիէլը, Դաւիթին որդիներէն Քետտուսը, Սեքենիային որդիներէն՝ Փարոսին որդիներէն Զաքարիան ու անոր հետ հարիւր յիսուն այր մարդ համրուեցան։ Փաաթ–Մովաբին որդիներէն՝ Զարիային որդին Եղիովէնային ու անոր հետ երկու հարիւր այր մարդ. Սեքենիային որդիներէն Յազիէլի որդին ու անոր հետ երեք հարիւր այր մարդ Եւ Ադինին որդիներէն Յովնաթանին որդին Աբեդը ու անոր հետ յիսուն այր մարդ Ու Եղամին որդիներէն Գոթողիային որդին Եսային ու անոր հետ եօթանասուն այր մարդ Եւ Սափատիային որդիներէն Միքայէլին որդին Զաբադիան ու անոր հետ ութսուն այր մարդ. Յովաբին որդիներէն՝ Յեքիէլին որդին Աբդիան ու անոր հետ երկու հարիւր տասնըութը այր մարդ 10 Եւ Սաղօմիդին որդիներէն Յօսեփային որդին ու անոր հետ հարիւր վաթսուն այր մարդ 11 Եւ Բեբայիին որդիներէն Բեբայիին որդին Զաքարիան ու անոր հետ քսանըութը այր մարդ 12 Եւ Ազգադին որդիներէն Ակատանի որդին Յօհանան ու անոր հետ հարիւր տասը այր մարդ 13 Եւ Ադոնիկամին որդիներէն վերջինները՝ որոնց անունները ասոնք էին՝ Եղիփաղէտ, Յէիէլ ու Սեմայիա եւ անոնց հետ վաթսուն այր մարդ. 14 Բագուէին որդիներէն Ութային ու Զաբուդը ու անոնց հետ եօթանասուն այր մարդ։

ԵԶՐԱՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐ ԿԸ ԳՏՆԷ

15 Ասոնք Ահավա վազող գետին եզերքը հաւաքեցի ու հոն երեք օր իջեւան ըրինք։ Ժողովուրդն ու քահանաները աչքէ անցուցի ու հոն Ղեւտացիներու որդիներէն մա՛րդ մը չգտայ։ 16 Այն ատեն Եղիազար, Արիէլ, Սեմայիա, Եղնաթան, Հարիպ, Եղնաթան, Նաթան, Զաքարիա ու Մեսուղամ իշխանները ու Յովաբիբ ու Եղնաթան իմաստունները կանչել տուի 17 Եւ զանոնք Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդով իշխանին պատուէրներով ղրկեցի ու Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդովին ու անոր եղբայրներուն, Նաթանայիմներուն, ըսուելիք խօսքերը անոնց բերանը դրի, որպէս զի մեր Աստուծոյն տանը համար մեզի պաշտօնեաներ բերեն։ 18 Մեր Աստուծոյն բարի ձեռքին մեր վրայ ըլլալուն համար՝ Իսրայէլեան Ղեւիի որդիին Մոողիին որդիներէն հանճարեղ մարդ մը, այսինքն Սարաբիան ու անոր որդիները ու եղբայրները տասնըութը մարդ բերին մեզի. 19 Նաեւ Ասաբիան ու անոր հետ Մերարիի որդիներէն Եսային ու անոր եղբայրները ու անոնց որդիները՝ քսան մարդ 20 Ու Նաթանայիմներէն, որոնք Դաւիթ ու իր իշխանները Ղեւտացիներու ծառայութեանը տուեր էին, բոլորը իրենց անուններովը յիշուած՝ երկու հարիւր քսան Նաթանայիմներ։

ԵԶՐԱՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՂՕԹՔԻ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ

21 Հոն Ահավայի գետին քով ծոմապահութիւն քարոզեցի, որպէս զի խոնարհինք մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ու անկէ յաջող ճամբորդութիւն խնդրենք մեզի ու մեր ընտանիքներուն եւ մեր բոլոր ստացուածքին համար. 22 Վասն զի ճամբուն մէջ մեզ թշնամիներէն պաշտպանելու համար թագաւորէն զօրք ու ձիաւորներ ուզելու ամչցայ, որովհետեւ թագաւորին ըսեր էինք թէ մեր Աստուծոյն ձեռքը բոլոր զանիկա փնտռողներուն վրայ է բարութեամբ ու անոր զօրութիւնն ու բարկութիւնը ամէն անոնց վրայ՝ որոնք զանիկա կը թողուն։ 23 Ուստի ծոմ բռնեցինք ու այս բանին համար մեր Աստուծմէն օգնութիւն խնդրեցինք ու անիկա մեր խնդրանքը ընդունեց։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՒԷՐՆԵՐ

24 Քահանաներուն իշխաններէն տասներկու մարդ զատեցի, այսինքն Սարաբիան ու Ասաբիան ու անոնց հետ իրենց եղբայրներէն տասը մարդ 25 Եւ արծաթն ու ոսկին ու անօթները, նաեւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու իշխաններուն եւ հոն գտնուող բոլոր Իսրայէլի մեր Աստուծոյն տանը համար տուած ընծաները կշիռքով անոնց յանձնեցի։ 26 Վեց հարիւր յիսուն տաղանդ արծաթ եւ հարիւր տաղանդ արծաթէ ամաններ ու հարիւր տաղանդ ոսկի 27 Եւ քսան ոսկի տաշտ հազարական դրամէ եւ մաքուր ու փայլուն եւ ոսկիի պէս պատուական պղնձէ երկու աման՝ կշիռքով անոնց յանձնեցի։ 28 Անոնց ըսի. ‘Դուք Տէրոջը նուիրուած էք, այս անօթներն ալ նուիրուած են եւ արծաթն ու ոսկին ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն կամաւոր ընծայ են. 29 Արթուն կեցէ՛ք ու պահեցէ՛ք, մինչեւ որ զանոնք Երուսաղէմ Տէրոջը տանը սենեակներուն մէջ՝ քահանաներուն ու Ղեւտացիներու իշխաններուն ու Իսրայէլի տոհմապետներուն առջեւ կշռէք’։ 30 Քահանաներն ու Ղեւտացիները արծաթն ու ոսկին ու ամանները կշիռքով առին, որպէս զի Երուսաղէմ մեր Աստուծոյն տունը տանին։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

31 Առաջին ամսուան տասնըերկրորդ օրը Ահավայի գետէն չուեցինք Երուսաղէմ երթալու համար ու մեր Աստուծոյն ձեռքը մեր վրայ էր ու մեզ ճամբան թշնամիին ու դարանակալին ձեռքէն ազատեց 32 Ու Երուսաղէմ հասանք եւ հոն երեք օր նստեցանք։ 33 Չորրորդ օրը արծաթն ու ոսկին ու անօթները, մեր Աստուծոյն տանը մէջ, Ուրիա քահանային որդիին Մերամօթին ձեռքով կշռուեցան, որուն հետ էր Փենէհէսին որդին Եղիազարը ու անոնց հետ էին Յեսուին որդին Յովզաբադն ու Բանուիին որդին Նովադիա Ղեւտացիները։ 34 Ամէնքը թիւով ու կշիռքով յանձնուեցաւ ու այն ատեն բոլոր կշիռքը գրուեցաւ։

35 Գերութեան որդիները, որոնք գերութենէ դարձած էին, Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզներ մատուցանեցին. բոլոր Իսրայէլի համար տասնըերկու զուարակ, իննիսունըվեց խոյ, եօթանասունըեօթը գառ ու մեղքի պատարագի համար տասնըերկու նոխազ. ասոնց ամէնը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին։ 36 Եւ անոնք թագաւորին հրովարտակը Գետին ասդիի կողմը եղող թագաւորին փոխանորդներուն ու իշխաններուն տուին, անոնք ալ ժողովուրդին ու Աստուծոյ տանը ձեռնտու եղան։

ԵԶՐԱՍ ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՍԵՐՏԷ

9 1 Երբ այս բաները կատարուեցան, իշխանները ինծի մօտեցան ու ըսին. «Իսրայէլի ժողովուրդը եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները այս երկիրներուն ժողովուրդներէն չզատուեցան, հապա Քանանացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն, Ամմոնացիներուն, Մովաբացիներուն, Եգիպտացիներուն ու Ամօրհացիներուն պղծութիւններուն պէս կ’ընեն. Վասն զի իրենց համար ու իրենց որդիներուն համար անոնց աղջիկներէն կիներ առին եւ սուրբ սերունդը այս երկիրներուն ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ ու իշխաններն ու ոստիկանները այս մեղքը գործելու մէջ առաջինները եղան»։ Այս բանը լսածիս պէս հանդերձս ու վերարկուս պատռեցի եւ գլխուս ու մօրուքիս մազերը փետտեցի ու ապշած նստեցայ։ Այն ատեն գերութենէն դարձողներուն յանցանքին պատճառով Իսրայէլի Աստուծոյն խօսքերէն բոլոր վախցողները իմ քովս հաւաքուեցան ու ես մինչեւ իրիկուան զոհին ատենը ապշած մնացի։ Իրիկուան զոհին ատենը տառապանքէս ելայ ու պատռուած հանդերձներովս ու վերարկուովս ծունկի եկայ ու ձեռքերս իմ Տէր Աստուծոյս առջեւ տարածեցի Ու ըսի. «Ո՛վ Աստուած իմ, կ’ամչնամ ու իմ երեսս քեզի վերցնելու չեմ համարձակիր։ Ո՛վ Աստուած իմ, վասն զի մեր անօրէնութիւնները մեր գլխէն վեր բարձրացան ու մեր յանցանքը մինչեւ երկինք ելաւ։ Մեր հայրերուն օրերէն ի վեր մենք մեծ յանցանքի մէջ ենք մինչեւ այսօր ու մեր անօրէնութիւններուն համար մենք, մեր թագաւորները եւ մեր քահանաները, օտար երկիրներու թագաւորներուն ձեռքը՝ սուրի, գերութեան, յափշտակութեան ու երեսի սեւութեան ենթարկուեցան, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։ Եւ հիմա քիչ մը ատեն մեր Տէր Աստուածը ողորմեցաւ, որպէս զի մեզի փրկութիւն շնորհէ ու իր սրբութեանը մէջ մեզ հաստատէ, որպէս զի մեր Աստուածը մեր աչքերը լուսաւորէ ու մեր ծառայութեանը մէջ մեզի քիչ մը հանգստութիւն տայ։ Վասն զի մենք ծառայ էինք բայց մեր Աստուածը մեզ երեսէ չձգեց մեր ծառայութեանը մէջ. հապա մեզի հանգստութիւն տալու ու իր տունը շինելու եւ անոր աւերակները նորոգելու ու մեզի Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պարսպապատ տեղ մը տալու համար՝ Պարսիկներու թագաւորներուն առջեւ մեզի շնորհք գտնել տուաւ։ 10 Հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, ասկէ ետքը ի՞նչ ըսենք, քանզի քու պատուիրանքներդ թողուցինք, 11 Որոնք քու ծառաներուդ մարգարէներուն՝ միջոցով պատուիրեցիր ու ըսիր. ‘Այն երկիրը, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար, գարշելի երկիր մըն է, օտար ազգերու գարշելի պղծութիւններովը լեցուն, որովհետեւ զանիկա ծայրէ ծայր իրենց անմաքրութիւնովը լեցուցեր են, 12 Ուրեմն ձեր աղջիկները անոնց որդիներուն մի՛ տաք ու անոնց աղջիկները ձեր որդիներուն համար մի՛ առնէք եւ յաւիտեան անոնց խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը մի՛ փնտռէք, որպէս զի ուժովնաք ու այն երկրին բարիքը ուտէք ու զանիկա ձեր որդիներուն իբր յաւիտենական ժառանգութիւն թողուք’։ 13 Ու մեր չար գործերուն համար ու մեր մեծ յանցանքին համար այս բոլոր բաներուն մեր վրայ գալէն ետքը (թէպէտեւ դուն, ո՛վ Աստուած մեր, մեզ չպատժեցիր մեր մեղքերուն չափ, հապա մեզի այսպէս փրկութիւն տուիր), 14 Պէ՞տք էր որ նորէն քու պատուիրանքներդ զանց ընէինք եւ այս գարշելի ազգերուն հետ խնամութիւն ընէինք. միթէ դուն մեզի պիտի չսրդողէի՞ր ու մեզ պիտի չսպառէի՞ր, մինչեւ որ մեզմէ մնացորդ ու ազատուած չմնար։ 15 Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, դուն արդար ես, ատոր համար մենք մինչեւ այսօր ազատ մնացինք. ահա մենք մեր յանցանքովը քու առջեւդ ենք, թէպէտեւ այս պատճառով քու առջեւդ համարձակ չենք կրնար կենալ»։

ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋԱՑՆԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

10 1 Երբ Եզրաս լալով ու Աստուծոյ տանը առջեւ գետինը ինկած այս աղօթքն ու խոստովանութիւնը կ’ընէր, Իսրայէլէն խիստ շատ բազմութիւն՝ այրեր, կիներ ու տղաքներ՝ անոր քով հաւաքուեցան եւ ժողովուրդը մեծ ձայնով լացաւ։ Ու Եղամի որդիներէն Յեքիէլի որդին Սեքենիան Եզրասին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Մենք մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք ու երկրին ժողովուրդներէն օտար կիներ առինք. բայց հիմա այս բանին մէջ ալ Իսրայէլին համար յոյս կայ։ Հիմա մեր Աստուծոյն առջեւ ուխտ ընենք, որ բոլոր կիներն ու անոնցմէ ծնածները՝ իմ տիրոջս ու մեր Աստուծոյն հրամանէն վախցողներուն խրատովը՝ արձակենք եւ այս գործը օրէնքին համեմատ թող ըլլայ։ Ելի՛ր, վասն զի այս գործը քեզի կ’իյնայ. մենք ալ քեզի հետ ըլլանք. զօրացի՛ր ու ըրէ՛»։

Եզրաս ելաւ եւ քահանաներուն, իշխաններուն, Ղեւտացիներուն ու բոլոր Իսրայէլին երդում ընել տուաւ, որ ըսուածին պէս ընեն։ Անոնք երդում ըրին։ Եզրաս Աստուծոյ տանը առջեւէն ելաւ ու Եղիասիբին որդիին Յօհանանին սենեակը գնաց եւ հոն մտնելով հաց չկերաւ ու ջուր չխմեց, որպէս զի գերութենէ դարձողներուն յանցանքին համար սուգ բռնէ։ Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ բոլոր գերութենէ դարձողները Երուսաղէմ հաւաքուին։ Մինչեւ երեք օր ով որ չգայ՝ իշխաններուն ու ծերերուն հրամանին համեմատ, անոր բոլոր ստացուածքը նզովուած պիտի ըլլայ ու գերութենէ դարձողներէն պիտի զատուի։ Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր մարդիկը այն երեք օրուան մէջ, այսինքն իններորդ ամսուան քսաներորդ օրը, Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան եւ բոլոր ժողովուրդը այս գործին համար ու սաստիկ անձրեւներուն համար, դողալով նստեցան Աստուծոյ տանը հրապարակին մէջ։ 10 Եզրաս քահանան ելաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք մեղք գործեցիք եւ օտար կիներ առնելով՝ Իսրայէլի յանցանքը աւելցուցիք։ 11 Հիմա ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն առջեւ ձեր մեղքը խոստովանեցէ՛ք եւ անոր հաճոյ եղածը ըրէ՛ք ու երկրիս ժողովուրդներէն ու օտար կիներէն զատուեցէ՛ք»։

12 Այն ատեն բոլոր ժողովուրդը պատասխան տուին ու բարձր ձայնով ըսին. «Մեր պարտքն է, որ քու ըսածիդ պէս ընենք։ 13 Բայց ժողովուրդը շատուոր ու ժամանակը անձրեւոտ է ու դուրսը չենք կրնար կենալ եւ ասիկա մէկ օրուան կամ երկու օրուան գործ չէ, քանզի շատերնիս այս բանին մէջ յանցաւոր ենք։ 14 Հիմա մեր իշխանները բոլոր ժողովուրդին համար թող կենան ու մեր քաղաքներուն մէջ բոլոր օտար կին առնողները որոշուած ժամանակներու մէջ գան եւ ամէն մէկ քաղաքի ծերերն ու դատաւորները անոնց հետ գան, մինչեւ որ այս բանին համար մեր Աստուծոյն սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ վերցուի»։

15 Ուստի Ասայէլին որդին Յովնաթան ու Թեկուային որդին Յազիան այս գործին վրայ կեցան ու Մեսուղամն ու Ղեւտացի Սաբեթան անոնց օգնեցին։ 16 Գերութենէ դարձողները այնպէս ըրին որ Եզրաս քահանան ու քանի մը տոհմապետներ իրենց տոհմերուն համեմատ (ամէնքն ալ իրենց անուններով) ընտրուեցան ու տասներորդ ամսուան առաջին օրը այս գործը քննել սկսան։ 17 Բոլոր օտար կին առնող մարդոց գործը առաջին ամսուան առաջին օրը լմնցուցին։

ՕՏԱՐ ԿԻՆ ԱՌՆՈՂՆԵՐԸ

18 Ու քահանաներուն որդիներէն օտար կին առնողներն էին՝ Յովսեդեկեան Յեսուին որդիներէն ու եղբայրներէն Մաասիան, Եղիազարը, Յարիբն ու Գոդողիան, 19 Որոնք իրենց կիները արձակելու խօսք տուին ու յանցաւոր ըլլալով՝ իրենց յանցանքին համար հօտերէն մէկ մէկ խոյ տուին։ 20 Եմմերին որդիներէն Անանին ու Զաբադիան 21 Ու Հարիմի որդիներէն Մաասիան, Եղիան, Սեմայիան, Յեքիէլը ու Ոզիան 22 Եւ Փասուրին որդիներէն Եղիովէնային, Մաասիան, Իսմայէլը, Նաթանայէլը, Յովզաբադն ու Եղեասան 23 Ու Ղեւտացիներէն Յովզաբադը, Սեմէին, Կովղիան, այսինքն Կովղիան, Փեթայիան, Յուդան ու Եղիազարը 24 Ու երգողներէն Եղիասիբը ու դռնապաններէն Սեղղումը, Տէլէմը եւ Ուրին 25 Ու Իսրայէլէ, Փարոսին որդիներէն, Ռամիան, Յեզիան, Մեղքիան, Միամինը, Եղիազարը, Մեղքիան ու Բանիան 26 Ու Եղամին որդիներէն Մաթանիան, Զաքարիան, Յեքիէլը, Աբդին, Յերիմովթն ու Եղիան 27 Եւ Զաթուին որդիներէն Եղիովէնային, Եղիասիբը, Մաթանիան, Յերիմովթը, Զաբադն ու Ազիզան 28 Եւ Բեբայիի որդիներէն Յօհանանը, Անանիան, Զաբբայը ու Աթաղին 29 Եւ Բանիին որդիներէն Մեսուղամը, Մալուքը, Ադայիան, Յասուբը, Սաաղն ու Ռամովթը 30 Եւ Փաաթ–Մովաբի որդիներէն Եդնան, Քաղէլը, Բանիան, Մաասիան, Մաթանիան, Բեսելիէլը, Բանուին ու Մանասէն 31 Ու Նարիմին որդիներէն Եղիազարը, Յեսիան, Մեղքիան, 32 Սեմայիան, Շմաւոնը, Բենիամինը, Մալուքն ու Սամարիան. 33 Հասումին որդիներէն Մաթանայը, Մատաթան, Զաբադը, Եղիփաղէտը, Յերեմին, Մանասէն ու Սեմէին. 34 Բանիին որդիներէն Մաադայը, Ամրամը, 35 Ուէլը, Բանիան, Բադայիան, Քեղուհայը, 36 Ուանիան, Մերամօթը, Եղիասիբը, 37 Մաթանիան, Մաթանայը, Յաասուն, 38 Բանին, Բանուին, Սէմէին, 39 Սեղեմիան, Նաթանը, Ադայիան, 40 Մաքնադբայը, Սասայը, Սարայը, 41 Ազարիէլը, Սեղեմիան, Սամարիան, 42 Սեղղումը, Ամարիան ու Յովսէփը. 43 Նաբաւին որդիներէն Յէիէլը, Մատաթիան, Զաբադը, Զեբենիան, Յադային, Յովէլն ու Բանիան։ 44 Ասոնք ամէնքը օտար կիներ առեր էին ու անոնցմէ ոմանք զաւակ ալ ունեցած էին։