ԳԻՐՔ ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ

ԳԻՐՔ ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ

ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԳ

1 1 Երգ երգոց Սողոմոնի։

ԿԻՆԸ

 Քու բերանիդ համբոյրներովը համբուրէ զիս,

Վասն զի քու սէրդ գինիէն աղէկ է։

 Քու իւղերուդ հոտը ախորժելի է,

Քու անունդ թափուած իւղի պէս է,

Անոր համար օրիորդները քեզ կը սիրեն։

 Զիս քաշէ ու քու ետեւէդ պիտի վազեմ։

Թագաւորը իր ներքին սենեակները տարաւ զիս։

Քեզի հետ ցնծանք եւ ուրախանանք,

Քու սէրդ գինիէն աւելի գովենք։

Քեզ ուղղութեամբ կը սիրեն։

 Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ,

Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ,

Կեդարի վրաններու պէս,

Սողոմոնին վարագոյրներուն պէս։

 Իմ սեւցած ըլլալուս մի՛ նայիք,

Վասն զի արեւը զիս տեսաւ։

Իմ մօրս որդիները ինծի սրդողեցան,

Զիս այգիներու պահապան ըրին,

Բայց իմ այգիիս պահպանութիւն չըրի։

 Պատմէ՛ ինծի, ո՛վ հոգիիս սիրածը,

Քու հօտդ ո՞ւր կ’արածես.

Կէսօրին ո՞ւր կը պառկեցնես։

Քու ընկերներուդ հօտերուն քով

Ինչո՞ւ թափառականի պէս ըլլամ։

ՄԱՐԴԸ

 Եթէ դուն չես գիտեր, ո՛վ կիներուն գեղեցիկը,

Հօտերուն շաւիղներէն գնա՛

Ու հովիւներուն վրաններուն քով քու ուլերդ արածէ։

 Փարաւոնին կառքերուն լծուած ձիերուն նմանցուցի քեզ, ո՛վ իմ սիրուհիս։

10 Քու այտերդ զարդերով գեղեցիկ են

Եւ քու պարանոցդ՝ քառամանեակներով։

11 Քեզի ոսկեղէն զարդեր պիտի շինենք

Արծաթէ կիտուածներով։

ԿԻՆԸ

12 Երբ թագաւորը սեղանն էր,

Իմ նարդոսս իր հոտը բուրեց։

13 Իմ սիրականս ինծի ստաշխի ծրարին պէս է,

Գիշերը իմ ստինքներուս մէջ պիտի հանգչի։

14 Իմ սիրականս հինայի ողկոյզին պէս է ինծի

Ենգադդիի այգիներուն մէջ։

ՄԱՐԴԸ

15 Ահա գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս,

Ահա գեղեցիկ ես. քու աչքերդ աղաւնիներու աչքերուն նման են։

ԿԻՆԸ

16 Ո՛վ իմ սիրականս, ահա գեղեցիկ ես ու վայելուչ

Եւ մեր անկողինը կանանչ է։

17 Մեր տուներուն գերանները եղեւնափայտէ են

Ու մեր առիքները մայրի փայտէ են։

2 1 Ես Սարօնին ծաղիկն եմ

Ու հովիտներուն շուշանը։

ՄԱՐԴԸ

 Ինչպէս շուշանը փուշերուն մէջ,

Այնպէս է իմ սիրուհիս աղջիկներուն մէջ։

ԿԻՆԸ

 Ինչպէս խնձորենին անտառի ծառերուն մէջ,

Այնպէս է իմ սիրականս երիտասարդներուն մէջ։

Անոր հովանիին տակ ախորժելով նստայ

Ու անոր պտուղը իմ քիմքիս քաղցր է։

 Զիս խնճոյքին տունը բերաւ։

Անոր դրօշը իմ վրաս սէր էր։

 Զիս կարկանդակներով զօրացուցէ՛ք,

Զիս խնձորներով ուժովցուցէ՛ք,

Վասն զի ես սիրով կը նուաղիմ։

 Անոր ձախ ձեռքը իմ գլխուս տակ ըլլայ

Ու աջ ձեռքը զիս գրկէ։

ՄԱՐԴԸ

 Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ,

Ձեզ այծեամներով կամ դաշտի եղնիկներով կ’երդմնցնեմ,

Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք,

Մինչեւ որ ինք ուզէ։

ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԳ

ԿԻՆԸ

 Իմ սիրականիս ձայնն է։

Ահա անիկա լեռներուն վրայէն ցատկելով

Ու բլուրներուն վրայէն ցատկռտելով կու գայ։

 Իմ սիրականս այծեամի կամ եղնիկի ձագի կը նմանի։

Ահա հիմա մեր պատին ետեւը կայներ է,

Պատուհաններէն կը նայի,

Վանդակներէն կ’երեւնայ։

10 Իմ սիրականս պատասխան տալով՝ ինծի ըսաւ.

ՄԱՐԴԸ

«Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս ու եկո՛ւր.

11 Քանզի ահա ձմեռը անցաւ,

Անձրեւները անցան գացին։

12 Գետնին վրայ ծաղիկներ կ’երեւնան,

Յօտելու ժամանակը հասաւ

Ու մեր երկրին վրայ տատրակին ձայնը կը լսուի։

13 Ահա թզենին իր թուզերը կը հասունցնէ

Ու որթատունկերը ծաղկեցան եւ իրենց հոտը կու տան։

Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս ու եկո՛ւր։

14 Ո՛վ իմ աղաւնիս, վէմին խոռոչներուն մէջ,

Ապառաժին հովանիին տակ եկուր։

Երեսդ ցուցո՛ւր ինծի, թող ձայնդ լսեմ,

Քանզի ձայնդ քաղցր ու դէմքդ գեղեցիկ է։

15 Բռնեցէ՛ք մեզի աղուէսները՝

Վասն զի մեր այգիները ծաղկեր են։

ԿԻՆԸ

16 Իմ սիրականս իմս է ու ես անո՛րն եմ։

Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։

17 Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած՝

Դարձի՛ր, ո՛վ իմ սիրականս

Ու Բեթերի լեռներուն վրայի այծեամին պէս

Կամ եղնիկներու ձագին պէս եղիր։

ՄԱՐԴԸ

3 1 Իմ հոգիիս սիրածը

Գիշերը մահիճիս մէջ փնտռեցի,

Զանիկա փնտռեցի բայց չգտայ։

 Ելլեմ հիմա պտըտիմ քաղաքին մէջ,

Փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ,

Իմ հոգիիս սիրածը փնտռեմ։

Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։

 Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան։

«Արդեօք իմ հոգիիս սիրածը տեսա՞ք», ըսի։

 Անոնցմէ քիչ մը առաջ անցնելով,

Իմ հոգիիս սիրածը գտայ։

Զանիկա բռնեցի ու չթողուցի,

Մինչեւ որ իմ մօրս տունը

Ու զիս ծնանողին սենեակը տարի։

 Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ,

Ձեզ այծեամներով կամ դաշտին եղնիկներովը կ’երդմնցնեմ,

Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք՝

Մինչեւ որ ինք ուզէ։

ԵՐՐՈՐԴ ԵՐԳ

ԿԻՆԸ

 Ո՞վ է ասիկա, որ զմուռսով եւ կնդրուկով

Ու փերեզակներուն ամէն տեսակ փոշիովը խնկուած՝

Անապատէն կ’ելլէ ծուխի սիւներու պէս։

 Ահա Սողոմոնին գահոյքը,

Որուն բոլորտիքը Իսրայէլի զօրաւոր մարդոցմէ

Վաթսուն զօրաւոր մարդ կայ։

 Ամէնքն ալ սուսերաւոր

Ու պատերազմի վարժուած են։

Գիշերուան վախին համար՝

Ամէն մէկուն սուրը իր ազդրին վրայ է։

 Սողոմոն թագաւորը Լիբանանի ծառերէն

Գահաւորակ մը շինեց իրեն համար։

10 Սիւները՝ արծաթէ, յենարանները՝ ոսկիէ,

Բազմոցը ծիրանիէ շինեց,

Որուն մէջ Երուսաղէմի աղջիկները

Խիստ գեղեցիկ ասեղնագործած էին։

11 Ո՜վ Սիօնի աղջիկներ, ելէ՛ք

Եւ Սողոմոն թագաւորը տեսէ՛ք

Այն թագովը, որով իր մայրը՝ անոր փեսայութեան օրը

Ու սրտին ուրախութեան օրը՝ պսակեց զանիկա։

ՄԱՐԴԸ

4 1 Ահա դուն գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս,

Ահա դուն գեղեցիկ ես։

Լաչակիդ մէջէն քու աչքերդ աղաւնիներու աչքերուն նման են.

Քու մազերդ Գաղաադ լեռը պառկող այծերուն հօտին պէս են։

 Ակռաներդ լուացարանէն ելլող խուզուած մաքիի հօտի պէս են,

Որոնք՝ բոլորն ալ՝ երկուորեակ կը ծնանին

Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։

 Քու շրթունքներդ կարմիր դերձանի պէս են

Ու խօսուածքդ գեղեցիկ է։

Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝

Նուռի կտորներու կը նմանին։

 Քու պարանոցդ զինարանի համար շինուած

Դաւիթին աշտարակին պէս է,

Ուր հազար ասպար կախուած են.

Ամէնքն ալ զօրաւորներու վահաններ են։

 Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու,

Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են

Եւ շուշաններու մէջ կ’արածին։

 Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած,

Ես զմուռսի լեռն ու կնդրուկի բլուրը պիտի երթամ։

 Բոլորովին գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս

Եւ քու վրադ արատ չկայ։

 Ո՛վ իմ հարսս, ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր,

Ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր.

Ամանայի գագաթէն, Սանիրի ու Հերմոնի գագաթէն,

Առիւծներու մորիներէն ու ինձերու լեռներէն նայէ։

 Սիրտս առիր, ո՛վ իմ հարս քոյրս,

Սիրտս առիր քու մէկ աչքովդ

Եւ պարանոցիդ մէկ քառամանեակովը։

10 Քու սէրդ ի՜նչ գեղեցիկ է, ո՛վ հարս քոյրս.

Քու սէրդ գինիէն աղէկ է

Ու քու իւղերուդ անուշահոտութիւնը՝

Բոլոր խունկերէն։

11 Շրթունքներէդ խորիսխի մեղր կը կաթի, ո՛վ իմ հարսս,

Լեզուիդ տակ մեղր ու կաթ կայ։

Քու զգեստներուդ անուշահոտութիւնը

Լիբանանի հոտին պէս է։

12 Իմ հարս քոյրս փակեալ պարտէզ մըն է,

Փակեալ աղբիւր ու կնքուած աղբերակ մըն է։

13 Քու տունկերդ քաղցրահամ պտուղներով,

Հինաներով ու նարդոսներով՝ նռնենիներու դրախտ են։

14 Նարդոս եւ քրքում, եղէգն ու կինամոն,

Ամէն տեսակ կնդրուկի ծառով, զմուռսով ու հալուէով

Եւ բոլոր գլխաւոր խունկերով։

15 Պարտէզներու աղբիւր,

Կենդանի ջուրի ջրհոր

Ու Լիբանանէն վազած հեղեղներ։

ԿԻՆԸ

16 Արթնցի՛ր, ո՛վ հիւսիս, եկո՛ւր, ո՛վ հարաւ,

Իմ պարտէզիս մէջ փչէ, որպէս զի անոր խունկերը բուրեն։

Իմ սիրականս թող իր պարտէզը գայ

Ու իրեն ախորժելի պտուղները ուտէ։

ՄԱՐԴԸ

5 1 Իմ պարտէզս եկայ, ո՛վ հարս քոյրս,

Իմ զմուռսս խունկերուս հետ հաւաքեցի,

Իմ խորիսխս մեղրիս հետ կերայ,

Իմ գինիս կաթովս խմեցի։

ԿԻՆԵՐԸ

Կերէ՛ք, ո՛վ բարեկամներ,

Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք, ո՛վ սիրելիներ։

ՉՈՐՐՈՐԴ ԵՐԳԸ

ԿԻՆԸ

 Ես կը քնանամ, բայց իմ սիրտս արթուն է։

Ահա իմ սիրականիս ձայնն է, դուռը կը զարնէ ու կ’ըսէ.

ՄԱՐԴԸ

«Ո՛վ իմ քոյրս, իմ սիրուհիս,

Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, բաց ինծի,

Քանզի իմ գլուխս ցօղով լեցուեցաւ

Ու վարսերս՝ գիշերուան շաղերով»։

ԿԻՆԸ

 Իմ պատմուճանս հաներ եմ,

Զանիկա ի՞նչպէս հագնիմ։

Ոտքերս լուացեր եմ,

Զանոնք ի՞նչպէս աղտոտեմ։

 Իմ սիրականս իր ձեռքը ծակէն երկնցուց

Ու անոր համար իմ աղիքս գալարուեցաւ։

 Ես ելայ, որ իմ սիրականիս բանամ դուռը

Ու ձեռքերէս զմուռս ու իմ մատներէս ընտիր զմուռս կաթեցին՝

Փականքը բռնելու տեղին վրայ։

 Ես իմ սիրականիս բացի,

Բայց իմ սիրականս քաշուեր գացեր էր։

Երբ անիկա կը խօսէր, իմ հոգիս նուաղեցաւ։

Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։

Զանիկա կանչեցի, բայց ինծի պատասխան չտուաւ։

 Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան,

Զարկին վիրաւորեցին զիս։

Պարսպին պահապանները քօղս վրայէս վերցուցին։

 Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ,

Եթէ իմ սիրականս գտնէք,

Անոր ըսէք, թէ ես իր սիրով կը նուաղիմ։

ԿԻՆԵՐԸ

 Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը,

Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի.

Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի,

Որ մեզ այդպէս կ’երդմնցնես։

ԿԻՆԸ

10 Իմ սիրականս սպիտակ ու կարմիր է,

Տասը հազարի մէջ երեւելի է։

11 Անոր գլուխը զուտ ոսկի է,

Վարսերը ցրուած ու ագռաւի պէս սեւ են։

12 Աչքերը՝ վազող ջուրերու քով

Կաթով լուացուած աղաւնիներու աչքերուն կը նմանին,

Գամուած գոհարներու պէս են։

13 Անոր այտերը համեմներու ածուին

Եւ անուշահոտ ծաղիկներու թաղարներու պէս են.

Շրթունքները զմուռս կաթող շուշաններ են.

14 Ձեռքերը ոսկի մատնիներ են՝

Թարսիսի քարերով լեցուած։

Որովայնը բանուած փղոսկր է՝

Շափիւղաներով ծածկուած։

15 Սրունքները մարմարէ սիւներ են՝

Ընտիր ոսկի խարիսխներու վրայ հաստատուած։

Կերպարանքը՝ Լիբանանի պէս,

Եղեւիններուն պէս ընտիր է։

16 Անոր քիմքը՝ քաղցր

Ու ինք ամբողջ ցանկալի է։

Ահա այսպէս է իմ սիրականս, այսպէս է իմ բարեկամս,

Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ։

ԿԻՆԵՐԸ

6 1 Քու սիրականդ ո՞ւր գնաց,

Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը։

Քու սիրականդ ո՞ւր դարձաւ,

Որ զանիկա քեզի հետ փնտռենք։

ԿԻՆԸ

 Իմ սիրականս իր պարտէզը՝

Համեմներու ածուները իջաւ,

Որպէս զի պարտէզներու մէջ իր հօտը արածէ

Ու շուշաններ հաւաքէ։

 Ես իմ սիրականիսն եմ

Եւ իմ սիրականս իմս է.

Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։

ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԵՐԳ

ՄԱՐԴԸ

 Թերսայի պէս գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս.

Երուսաղէմի պէս հաճելի ես

Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու ես։

 Աչքերդ ինձմէ դարձուր,

Վասն զի անոնք ինծի յաղթեցին։

Մազերդ Գաղաադ պառկող այծերուն հօտին պէս են։

 Ակռաներդ լուացարանէն ելած մաքիներու հօտին կը նմանին,

Որոնք երկուորեակ կը ծնանին ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։

 Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝

Նուռի կտորներու կը նմանին։

Թագուհիները՝ վաթսուն ու հարճերը՝ ութսուն

Եւ օրիորդները անթիւ են։

 Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, մէկ է,

Իր մօրը մէկ հատիկը,

Զինք ծնանողին ընտրեալն է։

Զանիկա աղջիկները տեսան

Ու անոր «Երանի՜» ըսին։

Թագուհիներն ու հարճերն ալ

Զանիկա գովեցին։

10 Ո՞վ է ասիկա, որ արշալոյսի պէս կը նայի,

Որ լուսինի պէս՝ գեղեցիկ, արեւու պէս՝ մաքուր

Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու է։

11 Ընկոյզներու պարտէզը իջայ,

Որպէս զի ձորին կանանչութիւնը տեսնեմ

Եւ նայիմ թէ արդեօք որթատունկը ծլա՞ւ։

Ու նռնենիները ծաղկեցա՞ն։

12 Ես չգիտցած՝ իմ հոգիս Ամինադաբի կառքերուն պէս ըրաւ զիս։

ԿԻՆԸ

13 Դարձի՛ր, դարձի՛ր, ո՛վ Սողոմացիդ,

Դարձի՛ր, դարձի՛ր, որպէս զի քեզ տեսնենք։

ԿԻՆԵՐԸ

Ի՞նչ պիտի փնտռէք Սողոմացիին վրայ.

Իբրեւ երկու բանակներու գունդ։

ՄԱՐԴԸ

7 1 Ի՜նչ գեղեցիկ են քու քայլերդ կօշիկներով,

Ո՛վ իշխանի աղջիկ.

Քու բարձերուդ կազմուածը՝

Երեւելի արուեստագէտի մը ձեռքով շինուած՝

Մանեակներու կը նմանի։

 Քու պորտդ ըմպելիքով լեցուն բոլորակ թասի մը կը նմանի։

Քու փորդ շուշանով պատած ցորենի շեղջին պէս է։

 Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու,

Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են։

 Պարանոցդ փղոսկրէ աշտարակի պէս է.

Աչքերդ Եսեբոն՝ Բաթրաբբիմի դրանը քով եղող աւազաններուն կը նմանին.

Ունչդ դէպի Դամասկոս նայող Լիբանանի աշտարակին պէս է։

 Գլուխդ քու վրադ՝ Կարմեղոսի պէս

Եւ գլխուդ հիւսուածքը ծիրանիի պէս է։

Թագաւորը քու խոպոպիքներուդ կապուած է։

 Ո՜րչափ գեղեցիկ եւ ո՜րչափ քաղցր ես,

Իմ փափկալի՛ց սիրուհիս։

 Քու հասակդ՝ արմաւենիի

Ու ստինքներդ ողկոյզներու կը նմանին։

 Ըսի, Արմաւենիին վրայ ելլեմ,

Անոր ոստերուն փակչիմ։

Քու ստինքներդ՝ խաղողի ողկոյզներու պէս

Ու ռնգունքներուդ հոտը խնձորներու հոտին պէս թող ըլլայ։

 Քու համբոյրդ ազնիւ գինիի պէս է,

Որ շիտակ կը վազէ իմ սիրականիս

Ու քնացողներուն շրթունքները կը խօսեցնէ։

ԿԻՆԸ

10 Ես իմ սիրականիսն եմ

Եւ ան ինծի կը բաղձայ։

11 Եկո՛ւր, իմ սիրականս, դաշտը ելլենք,

Գիշերը գիւղերու մէջ անցընենք,

12 Առտու կանուխ այգիները երթանք

Ու տեսնենք թէ որթատունկը ծլե՞ր է, ծաղիկը բացուե՞ր է

Եւ նռնենիները ծաղկե՞ր են։

Հոն իմ սէրս քեզի պիտի տամ։

13 Մանրագորները իրենց հոտը կու տան

Ու մեր դռներուն մէջ,

Բոլոր ընտիր պտուղներէն, թէ՛ նոր եւ թէ՛ հին,

Քեզի համար պահեր եմ, ո՛վ իմ սիրականս։

8 1 Երանի՜ թէ իմ մօրս ստինքը ծծած եղբօրս պէս ըլլայիր։

Երբ քեզ դուրսը գտնէի, պիտի համբուրէի

Եւ զիս պիտի չանարգէին։

 Քեզ առաջնորդելով իմ մօրս տունը կը տանէի,

Որպէս զի ինծի սորվեցնես։

Քեզի հոտաւէտ գինիէն, իմ նռնենիիս օշարակէն պիտի խմցնէի։

 Ձախ ձեռքը գլխուս տակ

Ու աջ ձեռքը զիս կը գրկէր։

ՄԱՐԴԸ

 Ով Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ,

Որ իմ սիրուհիս չարթնցնէք ու չվերցնէք,

Մինչեւ որ ինք ուզէ։

ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԵՐԳ

ԿԻՆԵՐԸ

 Ո՞վ է ասիկա, որ իր սիրականին կռթնած՝

Անապատէն կ’ելլէ։

ԿԻՆԸ

Քեզ խնձորենիին տակ արթնցուցի։

Քու մայրդ քեզ հոն ծնաւ,

Քու ծնողդ քեզ հոն ծնաւ։

 Զիս քու սրտիդ վրայ կնիքի պէս,

Քու բազուկիդ վրայ կնիքի պէս դիր.

Վասն զի սէրը՝ մահուան պէս զօրաւոր

Ու նախանձը գերեզմանի պէս խիստ է.

Անոր կայծերը սաստիկ բոցավառ կրակի կայծեր են։

 Շատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել

Ու գետերը զանիկա չեն կրնար ընկղմել.

Եթէ մարդ մը սիրոյ փոխարէն իր տանը բոլոր ստացուածքը տայ,

Զանիկա բոլորովին կ’անարգեն։

ԿՆՈՋ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

 Պզտիկ քոյր մը ունինք

Ու անիկա ստինք չունի։

Մեր քրոջը ի՞նչ ընենք

Անոր մասին խօսուած օրը։

 Եթէ անիկա պարիսպ է,

Վրան արծաթէ աշտարակ մը շինենք

Եւ եթէ դուռ է,

Զանիկա եղեւնափայտի տախտակներով պատենք։

ԿԻՆԸ

10 Ես պարիսպ եմ

Ու իմ ստինքներս անոր աշտարակներն են.

Այս պատճառով անոր առջեւ կը նմանիմ անոր,

Որ խաղաղութիւն կը բերէ։

ՄԱՐԴԸ

11 Սողոմոն Բաաղամոնի մէջ այգի ունէր։

Անիկա այգին պահապաններու տուաւ,

Ամէն մէկը անոր պտուղին համար հազար կտոր արծաթ կը բերէր։

12 Իմ այգիս իմ առջեւս է.

Ո՛վ Սողոմոն, հազարը քուկդ ըլլայ

Ու երկու հարիւրը անոր պտուղը պահպանողներուն։

13 Ո՛վ պարտէզներու մէջ նստող,

Ընկերները քու ձայնդ կը լսեն.

Ինծի ալ լսել տուր։

ԿԻՆԸ

14 Շուտ ըրէ՛, ո՛վ իմ սիրականս

Ու խնկաբեր լեռներուն վրայ

Այծեամի կամ եղնիկներու ձագի նման եկո՛ւր։