ԳԻՐՔ ԱՌԱԿԱՑ

ԳԻՐՔ ԱՌԱԿԱՑ

ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՐԺԵՔԸ

1 1 Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին որդիին Սողոմոնին առակները.

 Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար,

Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար,

 Իմաստութեան կրթութիւնը ընդունելու համար,

Այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը՝

 Միամիտներուն սրամտութիւն տալու համար

Ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար։

 Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ

Ու հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ։

 Առակն ու նմանութիւնը հասկնալու համար,

Նաեւ իմաստուններուն խօսքերը ու անոնց խրթնաբանութիւնները։

ԽՐԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ

 Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է,

Բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’անարգեն։

Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ

Ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր.

 Քանզի անոնք քու գլխուդ՝ շնորհաց պսակ

Եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան։

10 Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզ գլխէ հանել ուզեն,

Դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար։

11 Եթէ ըսեն. «Մեզի հետ եկո՛ւր, արեան համար դարանամուտ ըլլա՛նք,

Անմեղ մարդուն համար առանց պատճառի ծածուկ տեղ սպասենք,

12 Գերեզմանի պէս զանոնք ողջ ողջ

Գուբը իջնողներուն նման կլլենք.

13 Ամէն տեսակ պատուական ստացուածք գտնենք

Ու մեր տուները աւարով լեցնենք,

14 Քու վիճակդ մեր մէջ ձգէ,

Ամէնքս մէկ քսակ ունենանք»։

15 Որդեա՛կ իմ, անոնց հետ ճամբայ մի՛ երթար,

Անոնց շաւիղէն քու ոտքերդ հեռո՛ւ պահէ.

16 Քանզի անոնց ոտքերը դէպի չարութիւն կը վազեն

Եւ արիւն թափելու կ’արտորան։

17 Արդարեւ ոեւէ թռչունի աչքերուն առջեւ

Պարապ տեղ վարմեր կը լարուին.

18 Բայց անոնք իրենց արեանը համար դարան կը մտնեն

Ու իրենց կեանքին համար ծածուկ տեղ կը սպասեն։

19 Ամէն ագահի ճամբաները այսպէս են։

Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

20 Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ

Ու հրապարակներու մէջ իր ձայնը կու տայ։

21 Անիկա բազմութիւն եղած տեղերուն գլուխը

Եւ դռներուն մուտքերուն մէջ կ’աղաղակէ

Ու քաղաքին մէջ իր խօսքերը կ’ըսէ.

22 «Ո՛վ անմիտներ, մինչեւ ե՞րբ անմտութիւնը պիտի սիրէք,

Մինչեւ ե՞րբ ծաղր ընողները ծաղր ընելով պիտի զուարճանան

Ու յիմարները գիտութիւնը պիտի ատեն։

23 Իմ յանդիմանութեանս դարձէ՛ք։

Ահա իմ Հոգիս ձեր վրայ պիտի թափեմ,

Իմ խօսքերս ձեզի պիտի հասկցնեմ։

24 Որովհետեւ ես կանչեցի ու դուք չուզեցիք լսել.

Ձեռքս երկնցուցի ու մտիկ ընող չեղաւ։

25 Հապա իմ բոլոր խրատներս մերժեցիք

Եւ իմ յանդիմանութիւնս չուզեցիք։

26 Ես ալ ձեր թշուառութեանը վրայ պիտի ծիծաղիմ

Ու ձեր վախը հասնելուն՝ ծաղր պիտի ընեմ։

27 Երբ ձեր վախը հեղեղի պէս հասնի,

Ձեր թշուառութիւնը մրրիկի պէս պատահի

Եւ ձեր վրայ նեղութիւն ու տառապանք գայ,

28 Այն ատեն ինծի պիտի աղաղակեն ու պատասխան պիտի չտամ.

Զիս պիտի փնտռեն ու պիտի չկրնան գտնել.

29 Որովհետեւ գիտութիւնը ատեցին

Ու Տէրոջը վախը չընտրեցին։

30 Իմ խրատներս չուզեցին

Ու բոլոր յանդիմանութիւնս անարգեցին,

31 Ուրեմն անոնք իրենց ճամբուն պտուղէն պիտի ուտեն

Ու իրենց խորհուրդներով պիտի կշտանան։

32 Վասն զի անմիտներուն խոտորիլը զիրենք պիտի մեռցնէ

Եւ յիմարներուն անհոգութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ։

33 Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի

Ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

2 1 Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս

Ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես,

 Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս

Ու սիրտդ հանճարին բանաս,

 Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես

Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես,

 Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես

Ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես,

 Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս

Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։

 Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ,

Գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են։

 Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ.

Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է,

 Որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ

Ու իր սուրբերուն ճամբան պահէ։

 Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ

Ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս։

10 Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ

Եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ,

11 Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ

Ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։

12 Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն,

Նենգութիւններ խօսող մարդէն

13 Եւ անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են,

Որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն։

14 Չարութիւն ընելով կ’ուրախանան

Եւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան։

15 Անոնց ճամբաները ծուռ են

Ու անոնց ընթացքը խոտորնակ է։

16 Որպէս զի քեզ ազատէ օտար կնոջմէն,

Շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն։

17 Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու

Եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ,

18 Անոր տունը մահուան պիտի տանի

Ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։

19 Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար

Եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր։

20 Բայց դուն բարի մարդոց ճամբան պիտի երթաս

Ու արդարներուն շաւիղները պիտի պահես։

21 Քանզի ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին

Եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։

22 Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին

Ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին։

ՅՈՐԴՈՐԱՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ

3 1 Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս,

Հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ.

 Վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ

Եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն։

 Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն.

Զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ,

Քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք։

 Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ

Շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես։

Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ

Եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։

 Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր

Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։

Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար,

Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ։

 Ասիկա քու ջիղերուդ առողջութիւն

Եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն պիտի ըլլայ։

 Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ

Եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով

10 Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին

Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։

11 Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր

Ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար.

12 Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ,

Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ։

13 Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ

Ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ.

14 Վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է

Ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։

15 Անիկա գոհարներէն պատուական է

Եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։

16 Անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւն

Եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ։

17 Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են

Եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։

18 Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է

Ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան։

19 Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը

Եւ հանճարով հաստատեց երկինքը։

20 Անոր գիտութիւնովը անդունդները կը պատռին

Ու ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն։

21 Որդեա՛կ իմ, ասոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չերթան,

Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ

22 Եւ քու հոգիիդ՝ կեանք

Ու քու պարանոցիդ զարդ թող ըլլան։

23 Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես

Եւ քու ոտքդ պիտի չսահի։

24 Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս

Ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ։

25 Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն,

Ո՛չ ալ ամբարիշտներուն կորուստէն, երբ գայ,

26 Վասն զի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ

Եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէս զի չբռնուի։

27 Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ,

Կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա։

28 Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «Գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր

Եւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ։

29 Քու դրացիիդ դէմ չարութիւն մի՛ մտածեր,

Քանի որ անիկա վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի։

30 Առանց պատճառի մարդու հետ մի՛ վիճիր,

Երբ անիկա քեզի չարութիւն մը ըրած չէ։

31 Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր

Ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր,

32 Վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է,

Բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է։

33 Ամբարիշտ մարդուն տանը մէջ Տէրոջը անէծքը կայ,

Բայց Անիկա կ’օրհնէ արդարներուն բնակարանը։

34 Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ,

Բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։

35 Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն,

Բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

4 1 Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք

Ու մտի՛կ ըրէք, որպէս զի իմաստութիւնը ճանչնաք։

 Վասն զի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ,

Իմ օրէնքս մի՛ թողուք։

 Քանզի ես իմ հօրս տղան էի,

Փափուկ ու սիրելի՝ իմ մօրս առջեւ։

 Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր.

«Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող բռնէ,

Իմ պատուիրանքներս պահէ ու ապրի։

 Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր,

Մի՛ մոռնար ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիր։

 Զանիկա մի՛ թողուր ու անիկա քեզ պիտի պահէ։

Զանիկա սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։

 Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր։

Ու բոլոր ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր։

 Զանիկա մեծարէ՛ ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ։

Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ։

 Անիկա քու գլխուդ շնորհներու զարդ պիտի տայ.

Քեզի փառքի պսակ պիտի պարգեւէ»։

10 Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ ու իմ խօսքերս ընդունէ

Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։

11 Քեզի իմաստութեան ճամբուն մէջ քալել սորվեցուցի.

Քեզ ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտցուցի,

12 Որպէս զի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը չգայթին

Ու վազելու ատենդ չսահիս։

13 Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր.

Զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է

14 Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար

Ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր։

15 Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր,

Անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր։

16 Վասն զի անոնք մինչեւ որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար

Ու եթէ մէկը չկործանեն՝ քուներնին կը փախչի։

17 Քանզի անոնք ամբարշտութեան հացը կ’ուտեն

Ու անիրաւութեան գինին կը խմեն։

18 Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է,

Որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։

19 Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է

Ու չեն գիտեր թէ՝ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ։

20 Որդեա՛կ իմ, մտիկ ըրէ իմ խօսքերուս,

Քու ականջներդ իմ խօսքերուս տուր։

21 Անոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չհեռանան,

Զանոնք քու սրտիդ մէջ պահէ,

22 Վասն զի անոնք կեանք են զանոնք գտնողներուն

Եւ անոնց մարմնին՝ բժշկութիւն։

23 Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ,

Քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են։

24 Ծուռ բերանը քեզմէ մէկդի՛ ըրէ

Ու անիրաւ շրթունքները քեզմէ հեռացո՛ւր։

25 Քու աչքերդ ուղիղ թող նային

Ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան։

26 Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛

Եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին։

27 Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր,

Ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր։

ՉՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՉԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

5 1 Որդեա՛կ իմ, մտի՛կ ըրէ իմաստութեանս

Եւ քու ականջդ իմ հանճարիս տո՛ւր,

 Որպէս զի խոհեմութեամբ վարուիս

Եւ շրթներդ ցուցնեն քու իմաստութիւնդ։

 Վասն զի օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի

Ու անոր քիմքը իւղէն կակուղ է.

 Բայց անոր վախճանը՝ օշինդրի պէս դառն

Ու երկսայրի թուրի պէս հատու է։

 Անոր ոտքերը մահուան կը տանին

Ու անոր քայլերը դժոխք կը հասնին։

 Ան կեանքի ճամբէն ուղիղ չերթար,

Իր քայլերը փոփոխական են ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ,

Որ չըլլայ թէ կեանքի ճամբուն վրայ մտածես։

 Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք

Ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիք։

 Այս կնոջմէն ճամբադ հեռացուր

Ու անոր տանը դրանը մի՛ մօտենար.

 Չըլլայ որ քու փառքդ՝ ուրիշներու

Եւ տարիներդ անողորմ մարդու տաս։

10 Չըլլայ որ օտարները քու զօրութենէդ կշտանան

Ու քու վաստակդ օտարներուն տունը մտնէ

11 Եւ քու վերջին ատենդ հառաչես,

Երբ քու մարմինդ ու անդամներդ մաշին

12 Ու ըսես՝ «Ես ի՜նչպէս խրատը ատեցի

Ու իմ սիրտս յանդիմանութիւնը անարգեց

13 Եւ իմ ուսուցիչներուս խօսքին մտիկ չըրի

Ու իմ ականջս դաստիարակողներուն չտուի,

14 Ժողովրդային հաւաքոյթի մէջ

Ծայր աստիճան թշուառութեան հանդիպեցայ»։

15 Դուն քու ջրամբարէդ ջուր խմէ

Եւ քու ջրհորիդ մէջ վազող ջուրէն։

16 Քու աղբիւրներդ դուրսը թող տարածուին,

Ինչպէս ջուրերու վտակները՝ հրապարակներուն մէջ։

17 Անոնք միայն քուկդ թող ըլլան,

Ու ո՛չ թէ՝ քուկդ եւ օտարներուն։

18 Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայ

Եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։

19 Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէս

Եւ շնորհալի այծեամի պէս թող ըլլայ։

Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող կշտացնեն

Ու միշտ անոր սիրովը զմայլէ։

20 Եւ ինչո՞ւ, որդեա՛կ իմ, դուն օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիս

Ու օտար կնոջ կուրծքը գրկես։

21 Վասն զի մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջեւն են

Ու անոր բոլոր քայլերուն ինք կը հսկէ։

22 Չարագործը իր անօրէնութիւններովը պիտի բռնուի

Ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի։

23 Անիկա խրատի պակասէն կը մեռնի

Ու իր մեծ յիմարութիւնովը կը կորսուի։

ԱՒԵԼԻ ՉԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

6 1 Որդեա՛կ իմ, եթէ քու բարեկամիդ համար երաշխաւոր եղար,

Կամ օտար մարդու համար գրաւ դրիր,

 Քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթը ինկար,

Բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար։

 Որդեա՛կ իմ, պատուէրս կատարէ, որպէս զի ազատիս։

Քանի որ դուն քու բարեկամիդ ձեռքը ինկար,

Գնա՛ քու բարեկամիդ խոնարհէ

Ու թախանձէ անոր։

 Աչքերուդ՝ քուն

Ու արտեւանունքներուդ մրափ մի՛ տար.

 Ազատէ՛ քեզ, ինչպէս այծեամը որսորդին ձեռքէն,

Կամ թռչունը թռչնորսին ծուղակէն կ’ազատի։

 Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա,

Անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։

 Վասն զի անիկա թէեւ իշխան,

Ոստիկան կամ տիրող չունի,

 Բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ,

Իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ։

 Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս,

Քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս։

10 Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես

Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար,

11 Այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ

Ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս։

12 Անօրէն ու չար մարդը

Ծուռ բերանով կը շարժի.

13 Անիկա իր աչքերովը ակնարկութիւն կ’ընէ,

Ոտքերովը կը խօսի

Ու մատներովը բան կը սորվեցնէ։

14 Անոր սրտին մէջ ծռութիւն կայ,

Միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ։

15 Ասոր համար անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ։

Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի ու անոր դարման պիտի չգտնուի։

16 Տէրը վեց բանէ կը զզուի

Ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։

17 Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու,

Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր,

18 Չար խորհուրդ հնարող սիրտ,

Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր,

19 Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ

Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ։

ՇՆՈՒԹԵՆԷ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

20 Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛

Եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր։

21 Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ՛,

Զանոնք քու պարանոցէդ կախէ՛։

22 Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն.

Քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն

Ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին։

23 Քանզի պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է։

Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են,

24 Որպէս զի քեզ գէշ կնոջմէն,

Օտար կնոջ շողոքորթող լեզուէն պահեն։

25 Սրտիդ մէջ անոր գեղեցկութեանը մի՛ ցանկար

Եւ թող քեզ իր արտեւանունքներովը չբռնէ։

26 Վասն զի պոռնիկ կնոջ պատճառով

Մարդ նոյնիսկ պատառ մը հացի կարօտ կ’ըլլայ

Եւ շնացող առնակինը պատուական հոգին կ’որսայ։

27 Հնա՞ր է որ մէկը իր ծոցը կրակ դնէ

Ու հանդերձները չայրին։

28 Հնա՞ր է որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ

Ու անոր ոտքերը չայրին։

29 Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ։

Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չ’ըլլար։

30 Գողը եթէ անօթութեան համար ու իր փորը կշտացնելու համար գողութիւն ընէ,

Չեն քամահրեր զանիկա։

31 Սակայն եթէ բռնուի, եօթնապատիկ պիտի հատուցանէ,

Իր տանը բոլոր ինչքը պիտի տայ։

32 Կնոջ հետ շնութիւն ընողին խելքը պակաս է։

Այս բանը ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ։

33 Անիկա վէրք ու անարգանք կը գտնէ

Եւ անոր նախատինքը անջնջելի է։

34 Քանզի նախանձը էրիկը կը կատղեցնէ

Ու անիկա վրէժխնդրութեան օրը չի խնայեր։

35 Անիկա բնաւ մէկ փրկանքի չի նայիր,

Կաշառքը շատցնելու ալ ըլլաս՝ անիկա չի հաճիր։

7 1 Որդեա՛կ իմ, պահէ՛ իմ խօսքերս

Ու իմ պատուիրանքներս քու քովդ ծածկէ։

 Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս

Ու իմ օրէնքիս քու աչքերուդ բիբին պէս նայէ՛։

 Զանոնք մատներուդ վրայ կապէ,

Զանոնք սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛։

 Իմաստութեան ըսէ. «Դուն իմ քոյրս ես»

Ու հանճարը «Բարեկամ» կոչէ,

 Որպէս զի քեզ օտար կնոջմէն,

Շողոքորթութեամբ խօսող օտար կնոջմէն, պահեն։

ԱՆԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԿԻՆԸ

 Վասն զի իմ տանս պատուհանէն,

Իմ վանդակէս նայեցայ

 Եւ անմիտներուն մէջ տեսայ ու

Երիտասարդներուն մէջ պակասամիտ պատանի մը գտայ,

 Որ փողոցին մէջ այն կնոջ տանը անկիւնին քովէն կ’անցնէր

Ու անոր տանը ճամբան բռնեց։

 Երբ իրիկուն եղաւ, օրը տարաժամեցաւ

Ու գիշերուան մութը տիրեց։

10 Ահա անոր առջեւ կին մը ելաւ,

Անիկա պոռնիկի կերպարանք ու նենգաւոր սիրտ մը ունէր։

11 Անիկա աղաղակող ու անզգամ էր

Ու անոր ոտքերը իր տանը մէջ չէին կենար,

12 Երբեմն՝ դուրսը, երբեմն՝ հրապարակները

Եւ ամէն անկիւնի քով դարանամուտ կ’ըլլար։

13 Զանիկա բռնեց, համբուրեց

Ու լիրբ երեսով անոր ըսաւ.

14 «Իմ քովս խաղաղութեան զոհեր կան,

Ես այսօր իմ ուխտերս կատարեցի։

15 Անոր համար ելայ քեզ դիմաւորելու,

Քու երեսդ փնտռելու ու քեզ գտայ։

16 Իմ անկողինս ծածկոցներով զարդարեր եմ,

Եգիպտոսի ծաղկանկար բեհեզով։

17 Անկողնիս վրայ զմուռս,

Հալուէ ու կինամոն ցաներ եմ։

18 Եկուր մինչեւ առտու սիրով զուարճանանք

Ու ցանկութիւններով զբօսնունք

19 Վասն զի ամուսինս տունը չէ,

Անիկա հեռու ճամբայ գնաց։

20 Ստակին քսակը իրեն հետ առաւ

Եւ լուսնին լրման օրը տուն պիտի դառնայ»։

21 Այսպէս իր շատ խօսքերովը զանիկա հրապուրեց

Ու իր շրթունքներուն շողոքորթութիւնովը զանիկա գրաւեց։

22 Երիտասարդն ալ շիտակ կնոջ ետեւէն,

Սպանդանոց գացող արջառի պէս,

Պատժուելու գացող կապուած յիմարի մը պէս կ’երթայ,

23 Մինչեւ որ նետը անոր լեարդը ծակէ,

Ինչպէս թռչուն մը արտորալով դէպի ծուղակը կ’երթայ

Ու չի գիտեր թէ դէպի իր անձին կորուստը կ’երթայ։

24 Հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք

Ու իմ բերնիս խօսքերուն ականջ դրէք։

25 Քու սիրտդ դէպի անոր ճամբաները թող չխոտորի

Եւ անոր շաւիղներուն մէջ թող չմոլորի։

26 Վասն զի անիկա շատերը խոցոտեց ու կործանեց

Ու անոր բոլոր մեռցուցած մարդիկը զօրաւոր էին։

27 Անոր տունը դժոխքին ճամբան է, ան մահուան շտեմարանները կ’իջնէ։

ԳՈՎԵՍՏ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ

8 1 Իմաստութիւնը կ’աղաղակէ

Ու հանճարը կը ձայնակցի քեզի։

 Անիկա բարձր տեղերու գլուխը

Եւ շաւիղներու մէջ կը կենայ։

 Անիկա դռներուն քով՝ քաղաքներուն բերանը կը կենայ

Ու դռներուն մուտքը աղաղակելով՝ կ’ըսէ.

 «Ո՛վ մարդիկ, ձեզի կը կանչեմ

Եւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է։

 Ո՛վ տգէտներ, իմաստութիւն սորվեցէք,

Ո՛վ անմիտներ, ուշադրութիւն ըրէ՛ք։

 Լսեցէ՛ք, վասն զի ազնիւ բաներ պիտի խօսիմ

Ու իմ շրթունքներս պիտի բանամ ուղիղ բաներ խօսելու համար։

 Քանզի իմ քիմքս ճշմարտութիւն պիտի խօսի,

Իմ շրթունքս ամբարշտութենէ կը զզուի։

 Բերնիս բոլոր խօսքերը արդարութեամբ են

Եւ անոնց մէջ խոտորնակ ու ծուռ բան չկայ։

 Ամէնքն ալ հասկցողին ուղիղ են

Ու գիտութիւն գտնողներուն շիտակ են։

10 Իմ խրատս առէ՛ք եւ ոչ թէ արծաթ։

Ու ընտիր ոսկիէն աւելի գիտութիւնը սիրեցէ՛ք։

11 Վասն զի իմաստութիւնը գոհարներէն աղէկ է

Եւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ։

12 Ես եմ իմաստութիւնը եւ խոհականութեան մէջ կը բնակիմ

Եւ խոհեմութեան գիտութիւնը ունիմ։

13 Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ,

Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ընթացքը

Ու նենգաւոր բերանը կ’ատեմ։

14 Խորհուրդը եւ խոհականութիւնը,

Հանճարն ու զօրութիւնը իմս են։

15 Թագաւորները ինձմով կը թագաւորեն

Ու նախարարները ինձմով արդարութեան կանոններ կը դնեն։

16 Ինձմով կ’իշխեն իշխանները,

Ազնուականներն ու երկրին բոլոր դատաւորները։

17 Ես կը սիրեմ զիս սիրողները։

Զիս կանուխ փնտռողները զիս կը գտնեն։

18 Իմ քովս հարստութիւն ու փառք,

Ընտիր ստացուածք եւ արդարութիւն կայ։

19 Իմ պտուղս ոսկիէն ու զուտ ոսկիէն

Եւ իմ արդիւնքս ընտիր արծաթէն աղէկ է։

20 Ես արդարութեան ճամբուն մէջ,

Իրաւունքի շաւիղներուն մէջ կը քալեմ,

21 Որպէս զի զիս սիրողներուն ստացուածք պարգեւեմ,

Անոնց գանձարանը լեցնեմ։

22 Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն,

Երկիրը ստեղծելէ առաջ,

Իր գործին սկիզբը,

23 Դարեր առաջ շինուեցայ։

Սկիզբէն, երկիրը կազմուելէն առաջ։

24 Անդունդները չեղած,

Առատ ջուրերուն աղբիւրները չեղած ես ծնած էի։

25 Լեռները չտեղաւորուած,

Բլուրներէն առաջ ես ծնած էի։

26 Տակաւին երկիրն ու դաշտերը

Եւ աշխարհիս հողերը չստեղծուած,

27 Երբ երկինքները կը պատրաստէր

Ու անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր, ես հոն էի։

28 Երբ վերի ամպերը կ’ուժովցնէր

Եւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր,

29 Երբ ծովուն կանոն կը դնէր,

Որպէս զի ջուրերը իր հրամանէն դուրս չելլեն

Ու երբ երկրի հիմերը կը ձգէր,

30 Այն ատեն ես անոր քով ճարտարապետ էի

Եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի

Ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի։

31 Ես աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանայի

Ու իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր։

32 Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք,

Վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։

33 Խրատի մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէ՛ք

Ու զանիկա մի՛ մերժէք։

34 Երանի՜ այն մարդուն, որ ինծի մտիկ կ’ընէ,

Ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէ

Եւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ։

35 Վասն զի զիս գտնողը կեանք կը գտնէ

Ու Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ։

36 Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգիին անիրաւութիւն կ’ընէ։

Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԹԱՄՏՈՒԹԻՒՆ

9 1 Իմաստութիւնը իր տունը շինեց

Ու իր եօթը սիւները կանգնեցուց,

 Իր անասունները մորթեց, իր գինին խառնեց

Ու իր սեղանը պատրաստեց։

 Անիկա իր աղախինները ղրկեց,

Որ քաղաքին բարձր տեղերը կանչեն.

 «Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ»։

Ու պակասամիտ եղողին ըսեն.

 «Եկէ՛ք, իմ հացէս կերէ՛ք

Ու խառնած գինիէս խմեցէ՛ք։

 Յիմարութիւնը թողուցէ՛ք, որպէս զի ապրիք

Ու խոհեմութեան ճամբուն մէջ քալեցէ՛ք»։

 Ծաղրողը յանդիմանողը՝ իրեն անարգանք

Ու ամբարիշտը խրատողը իրեն արատ կը վաստկի։

 Ծաղրողը մի՛ յանդիմաներ, որ չըլլայ թէ քեզի թշնամի ըլլայ։

Իմաստունը յանդիմանէ՛ ու քեզ պիտի սիրէ։

 Իմաստունին խրատ տո՛ւր եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ։

Արդար մարդուն սորվեցուր ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ։

10 Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է

Ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է։

11 Վասն զի քու օրերդ ինձմով պիտի շատնան

Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի աւելնան։

12 Եթէ իմաստուն ես, քեզի համար իմաստուն ես

Ու եթէ կը ծաղրես, անոր պատիժը միայն դուն պիտի կրես։

13 Անզգամ կինը աղաղակող կ’ըլլայ,

Անիկա անմիտ է ու բան չի գիտեր։

14 Քաղաքին բարձր տեղերը,

Իր տանը դուռը աթոռի վրայ կը նստի,

15 Որպէս զի իրենց ճամբան շիտակ գացող

Անցորդները կանչէ։

16 «Ո՛վ որ պարզամիտ է, թող հոս գայ»

Ու պակասամիտ եղողին կ’ըսէ.

17 «Գողցուած ջուրերը անոյշ են

Եւ գաղտնի կերուած հացը համով կ’ըլլայ»։

18 Բայց անիկա չի գիտեր թէ այն տեղը մեռելներ կան

Ու անոր հրաւիրած մարդիկը դժոխքին անդունդներուն մէջ են։

10 1 Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ,

Բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է։

 Անօրէնութեան գանձերը օգուտ չեն ըներ,

Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։

 Տէրը արդարին հոգին անօթի չի թողուր,

Բայց ամբարիշտներուն ցանկութիւնը կը խափանէ։

 Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ’ըլլայ,

Բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ։

 Ան որ ամառը կը հաւաքէ, խոհեմ տղայ է,

Հունձքի ատեն քնացող տղան նախատինք կը բերէ։

 Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան,

Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։

 Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ’ըլլայ,

Բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտտի։

 Իմաստուն սիրտ ունեցողը պատուիրանքները կը պահէ,

Բայց յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։

 Կատարելութեամբ քալողը ապահովութեամբ կը քալէ,

Բայց իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի։

10 Աչքով ակնարկութիւն ընողը նեղութիւն կու տայ

Ու յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։

11 Արդարին բերանը կեանքի աղբիւր է,

Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։

12 Ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ,

Բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածկէ։

13 Իմաստունին շրթունքներուն վրայ իմաստութիւն կը գտնուի,

Բայց պակասամիտ եղողին կռնակին համար գաւազան պէտք է։

14 Իմաստունները գիտութիւն կը հաւաքեն,

Բայց յիմարին բերանը կործանման մօտ է։

15 Հարուստին ճոխութիւնը իր ամուր քաղաքն է,

Բայց տնանկներուն աղքատութիւնը իրենց կործանումն է։

16 Արդարին գործը կեանքի համար է,

Իսկ ամբարշտին արդիւնքը մեղքի համար է։

17 Խրատը պահողը կեանքի ճամբուն մէջ է,

Բայց յանդիմանութիւնը մերժողը կը մոլորի։

18 Ատելութիւնը ծածկողը ստախօս շրթունքներ ունի

Ու բամբասանք հանողը անմիտ է։

19 Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ,

Բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է։

20 Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է։

Ամբարիշտներուն սիրտը քիչ արժէք ունի։

21 Արդարին շրթունքները շատերուն առաջնորդութիւն կ’ընեն,

Բայց յիմարները խելքի պակասութենէ կը մեռնին։

22 Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ

Ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ։

23 Չարութիւն ընելը յիմարին զբօսանքն է,

Բայց խոհեմ մարդունը՝ իմաստութիւնը։

24 Չար մարդուն վախցած բանը իր վրայ կու գայ,

Բայց արդարներուն փափաքը կը լեցուի։

25 Մրրիկը անցնելուն պէս ամբարիշտը բնաջինջ կ’ըլլայ,

Բայց արդարը յաւիտենական հիմ ունի։

26 Ինչպէս քացախը՝ ակռաներուն եւ ծուխը՝ աչքերուն,

Ծոյլն ալ զինք ղրկողներուն այնպէս է։

27 Տէրոջը վախը օրեր կ’աւելցնէ,

Բայց ամբարիշտներուն տարիները պիտի կարճնան։

28 Արդարներուն յոյսը ուրախութիւն է,

Բայց ամբարիշտներուն ակնկալութիւնը պիտի կորսուի։

29 Տէրոջը ճամբան արդարին զօրութիւն է,

Բայց անօրէնութիւն գործողներուն կործանում է։

30 Արդարը պիտի չսասանի յաւիտեան,

Բայց ամբարիշտները երկրի վրայ պիտի չբնակին։

31 Արդարին բերանը իմաստութիւն կը բղխեցնէ,

Բայց նենգաւոր լեզուն պիտի կտրուի։

32 Արդարին շրթունքները հաճելի բանը գիտեն,

Բայց ամբարիշտներուն բերանը՝ միայն նենգութիւն։

11 1 Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է,

Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է։

 Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ,

Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։

 Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ’առաջնորդէ,

Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ։

 Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ,

Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։

 Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շտկէ,

Բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ’իյնայ։

 Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ’ազատէ,

Բայց անօրէնները իրենց չարութեանը մէջ կը բռնուին։

 Երբ չար մարդը մեռնի, անոր ակնկալութիւնը կը կորսուի

Եւ անօրէններուն յոյսը կ’ոչնչանայ։

 Արդարը նեղութենէ կ’ազատի

Ու անոր տեղ ամբարիշտը կ’երթայ։

 Կեղծաւորը բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ,

Բայց արդարները գիտութեամբ կ’ազատին։

10 Արդարներուն յաջողութեանը վրայ քաղաքը կ’ուրախանայ

Ու երբ չարերը կորսուին, ցնծութեան ձայն կը լսուի։

11 Ուղիղներուն օրհնութիւնովը քաղաքը կը բարձրանայ,

Բայց ամբարիշտներուն բերնովը կը կործանի։

12 Պակասամիտ եղողը իր դրացին կ’արհամարհէ,

Բայց խոհեմ մարդը կը լռէ։

13 Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ,

Բայց հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ։

14 Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի,

Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ։

15 Օտարականին երաշխաւոր եղողը անշուշտ չարիքի կը հանդիպի,

Բայց երաշխաւորութիւնը ատողը ապահով է։

16 Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ

Եւ զօրաւոր մարդիկ՝ հարստութիւն։

17 Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ,

Բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ։

18 Չար մարդը սնոտի գործ կը գործէ,

Բայց արդարութիւն ցանողը ապահով վարձք կ’ունենայ։

19 Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ,

Նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուանը կ’երթայ։

20 Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջը առջեւ պիղծ են,

Բայց ուղիղ ճամբայ քալողները անոր հաճելի են։

21 Անօրէնները թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին, անպատիժ պիտի չմնան,

Բայց արդարներուն սերունդը պիտի ազատի։

22 Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի,

Խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի։

23 Արդարներուն ցանկութիւնը միայն բարութիւն է,

Բայց անօրէններուն ակնկալութիւնը բարկութիւն պիտի ըլլայ։

24 Մարդ կայ, որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ

Ու մարդ կայ, որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի։

25 Բարերար անձը պիտի գիրնայ

Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։

26 Ժողովուրդը կ’անիծէ ցորենը պահողը.

Բայց ծախողին գլուխը կ’օրհնէ։

27 Աղէկութեան համար փոյթ ընողը շնորհք կը ստանայ,

Բայց ով որ գէշութիւն կը փնտռէ, չարիքի պիտի հանդիպի։

28 Իր հարստութեանը վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ,

Բայց արդարները կանանչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին։

29 Իր տանը նեղութիւն տուողը հով պիտի ժառանգէ

Ու յիմարը իմաստուն սիրտ ունեցողին ծառայ պիտի ըլլայ։

30 Արդարին պտուղը կենաց ծառ է

Եւ հոգիներ վաստկողը իմաստուն է։

31 Եթէ արդարը երկրի վրայ պատիժ կրէ,

Ո՞ւր կը մնան ամբարիշտն ու մեղաւորը։

12 1 Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ,

Բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է։

 Բարի մարդը Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ,

Բայց Աստուած նենգաւոր մարդը պիտի դատապարտէ։

 Մարդը անիրաւութեամբ հաստատութիւն չ’ունենար,

Բայց արդարներուն արմատը չի շարժիր։

 Առաքինի կինը իր էրկանը պսակ է,

Բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն փտութեանը պէս է։

 Արդարներուն մտածումները իրաւունք են,

Բայց ամբարիշտներուն խորհուրդները՝ նենգ։

 Ամբարիշտներուն խօսքերը արիւնի համար դարան են,

Բայց ուղիղներուն բերանը զիրենք կ’ազատէ։

 Ամբարիշտները կը կործանին ու բնաջինջ կ’ըլլան,

Բայց արդարներուն տունը կը հաստատուի։

 Մարդը իր խոհեմութեանը չափ կը գովուի,

Բայց ծուռ սիրտ ունեցողը կ’անարգուի։

 Իր հացին համար ծառայող մարդը աւելի աղէկ է,

Քան թէ զինք մեծ ցուցնող, բայց հացի կարօտ մարդը։

10 Արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի,

Բայց ամբարիշտները անողորմ են։

11 Իր երկիրը մշակողը հացով կը կշտանայ.

Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը պակասամիտ է։

12 Ամբարիշտը չարերուն աւարին կը փափաքի,

Բայց արդարներուն արմատը պտուղ կու տայ։

13 Չարը իր շրթունքներուն յանցանքովը որոգայթը կ’իյնայ,

Բայց արդարը նեղութենէ կ’ազատի։

14 Մարդը իր բերնին պտուղէն բարիքներով պիտի լեցուի

Եւ իր գործերուն հատուցում պիտի ընդունի։

15 Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է,

Բայց իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ։

16 Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը,

Բայց անարգանքը ծածկողը խելացի է։

17 Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ,

Իսկ սուտ վկան՝ նենգութիւնը։

18 Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն,

Բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է։

19 Ճշմարտախօս շրթունքը միշտ հաստատ կը մնայ,

Բայց ստախօս լեզուն վայրկենական է.

20 Չարութիւն մտածողին սրտին մէջ նենգութիւն կ’ըլլայ,

Բայց խաղաղութեան համար խորհուրդ ընողները ուրախութիւն կ’ունենան։

21 Արդարին բնաւ չարիք չի հասնիր,

Բայց ամբարիշտները թշուառութիւններով կը լեցուին։

22 Սուտ շրթունքը Տէրոջը զզուելի է,

Բայց հաւատարմութիւն ընողները անոր հաճելի են։

23 Խոհեմ մարդը իր գիտցածը կը ծածկէ,

Բայց յիմարներուն սիրտը յիմարութիւնը կը հրատարակէ։

24 Ժիր մարդոց ձեռքը կ’իշխէ,

Բայց ծոյլը հարկատու կ’ըլլայ։

25 Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ,

Բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա։

26 Արդարը իր ընկերին ճամբայ կը ցուցնէ,

Բայց ամբարիշտներուն ճամբան զիրենք կը մոլորեցնէ։

27 Ծոյլը իր որսը չ’եփեր,

Բայց ժիր մարդուն ստացուածքը պատուական է։

28 Արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ

Եւ անոր շաւիղներուն ճամբուն մէջ մահ չկայ։

13 1 Իմաստուն տղան իր հօրը խրատին մտիկ կ’ընէ,

Բայց ծաղրողը յանդիմանութեան մտիկ չ’ըներ։

 Մարդը իր բերնին պտուղէն բարութիւն կ’ուտէ.

Բայց նենգերուն հոգին՝ բռնութիւն։

 Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ,

Բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի։

 Ծոյլին հոգին կը ցանկայ ու բան մը չունի,

Բայց ժրաջան մարդոց հոգին կը գիրնայ։

 Արդարը սուտ խօսքը կ’ատէ,

Բայց ամբարիշտը կ’այպանէ ու կը խայտառակէ ինքզինքը։

 Արդարութիւնը կատարելութեամբ քալողները կը պաշտպանէ,

Բայց չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ։

 Մարդիկ կան, որ զիրենք հարուստ կը ցուցնեն, բայց բան մը չունին,

Մարդիկ ալ կան, որ զիրենք աղքատ կը ցուցնեն, բայց շատ հարստութիւն ունին։

 Մարդուն կեանքին փրկանքը իր հարստութիւնն է,

Բայց աղքատը յանդիմանութիւն չի լսեր։

 Արդարներուն լոյսը զուարթ պիտի ըլլայ,

Բայց ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։

10 Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի,

Բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ։

11 Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի,

Բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ։

12 Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ,

Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է։

13 Խօսքը արհամարհողը պիտի կորսուի,

Բայց պատուիրանքէն վախցողը վարձք պիտի առնէ։

14 Իմաստունին օրէնքը կեանքի աղբիւր է՝

Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։

15 Բարի խոհեմութիւնը շնորհք կու տայ,

Բայց անօրէններուն ճամբան դժուարին է։

16 Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ,

Բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ։

17 Չար պատգամաւորը թշուառութեան մէջ կ’իյնայ,

Բայց հաւատարիմ դեսպանը բժշկութիւն է։

18 Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ,

Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ։

19 Փափաքին կատարուիլը հոգիին անոյշ է

Ու չարագործութենէ ետ կենալը յիմարներուն զզուելի է։

20 Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ,

Բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ։

21 Մեղաւորներուն ետեւէն ձախորդութիւն կ’երթայ,

Բայց արդարներուն բարիք կը հատուցանուի։

22 Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու,

Բայց մեղաւորին ստացուածքը արդարին համար կը պահուի։

23 Աղքատներուն մշակած երկրին մէջ շատ ուտելիք կայ,

Բայց մարդ կայ, որ անիրաւութենէ կը կորսուի։

24 Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ,

Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։

25 Արդարը մինչեւ իր անձին կշտանալը կ’ուտէ,

Բայց ամբարիշտները կարօտութիւն պիտի քաշեն։

14 1 Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն,

Բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ։

 Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տէրոջմէ կը վախնայ,

Բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զանիկա կ’անարգէ։

 Յիմարին բերանը հպարտութեան գաւազան կայ,

Բայց իմաստուններուն շրթունքները զիրենք կը պահեն։

 Ուր արջառ չկայ, մսուրը մաքուր կը մնայ,

Իսկ արդիւնքին առատութիւնը եզին զօրութենէն յառաջ կու գայ։

 Ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր,

Բայց անիրաւ վկան ստութիւններ կը թափէ բերնէն։

 Ծաղրողը իմաստութիւն կը փնտռէ ու չի գտներ,

Բայց իմաստուններուն համար գիտութիւնը դիւրին է։

 Յիմար մարդէն հեռացիր,

Երբ իմանաս, որ իմաստուն շրթունքներ չունի։

 Խելացի մարդուն իմաստութիւնը իր ճամբան հասկնալն է.

Բայց յիմարներուն անմտութիւնը նենգութիւն է։

 Յիմարները յանցաւորը կը ծաղրեն,

Բայց ուղիղներուն մէջ ներողամտութիւն կայ։

10 Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ,

Ուրիշը անոր ուրախութեանը մասնակից չ’ըլլար։

11 Ամբարիշտներուն տունը պիտի կործանի,

Բայց ուղիղներուն վրանը պիտի ծաղկի։

12 Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ,

Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։

13 Ծիծաղելու ատենն ալ մարդուս սիրտը տրտմութիւն կը զգայ

Եւ ուրախութեան վախճանը սուգ կ’ըլլայ։

14 Ապականած մարդը՝ իր ճամբաներու պտուղէն,

Իսկ բարի մարդը իր գործերու պտուղէն պիտի կշտանայ։

15 Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ,

Բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ։

16 Իմաստունը կը վախնայ ու չարութենէ կը փախչի,

Բայց անմիտը կը հպարտանայ ու յանձնապաստան կ’ըլլայ։

17 Շուտ բարկացողը յիմարութիւն կ’ընէ

Իսկ իմաստուն մարդը կը համբերէ։

18 Անխոհեմները անմտութիւն կը ժառանգեն,

Բայց խելացիները գիտութեամբ կը պսակուին։

19 Չարերը բարիներուն առջեւ կը խոնարհին

Եւ ամբարիշտները՝ արդարներուն դրանը քով։

20 Աղքատը մինչեւ անգամ իր ընկերին ատելի է,

Բայց հարուստին բարեկամները շատ են։

21 Տնանկը անարգողը մեղք կը գործէ,

Բայց աղքատին ողորմողը երանելի կ’ըլլայ։

22 Չարութիւն մտածողները կը մոլորին,

Բայց բարութիւն մտածողներուն ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն կը հանդիպի։

23 Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ,

Բայց դատարկաբանութիւնը միայն կարօտութեան կը տանի մարդը։

24 Իմաստուններուն հարստութիւնը իրենց պսակն է,

Բայց անմիտներուն բարձրութիւնը յիմարութիւն է։

25 Հաւատարիմ վկան հոգիներ կ’ազատէ,

Բայց խարդախը ստութիւններ դուրս կու տայ։

26 Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ

Ու անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան։

27 Տէրոջը վախը կեանքի աղբիւր է՝

Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։

28 Ժողովուրդին բազմութիւնը թագաւորին պատիւ է,

Բայց ժողովուրդին նուազութիւնը իշխանին կործանումն է։

29 Երկայնամիտ մարդը շատ խոհեմ է,

Իսկ կարճամիտը շատ յիմարութիւն կ’ընէ։

30 Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է,

Բայց նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է։

31 Աղքատին զրկանք ընողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ,

Բայց տնանկին ողորմութիւն ընողը զԱնիկա կը պատուէ։

32 Ամբարիշտը իր չարութեանը համար կը կործանի,

Բայց արդարը իր մահուան ատենը ապահովութիւն կ’ունենայ։

33 Խելացի մարդուն սրտին մէջ իմաստութիւնը կը հանգչի,

Իսկ յիմարներուն ներսը եղածը չի ճանչցուիր։

34 Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ,

Բայց մեղքը ժողովուրդներուն անարգանք է։

35 Թագաւորը խոհեմ ծառային կը հաճի,

Բայց նախատինք բերող ծառային կը բարկանայ։

15 1 Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ,

Բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ։

 Իմաստուններուն լեզուն գիտութիւնը հաճելի կը դարձնէ,

Բայց անմիտներուն բերանէն յիմարութիւն կը բղխի։

 Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ

Չարերն ու բարիները կը դիտեն։

 Խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է,

Բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ։

 Յիմարը իր հօրը խրատը կ’անարգէ,

Բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ’ըլլայ։

 Արդարին տունը մեծ գանձ կայ,

Բայց ամբարշտին եկամուտներուն մէջ խռովութիւն կայ։

 Իմաստուններուն շրթունքները գիտութիւն կը տարածեն,

Բայց յիմարներուն սիրտը այնպէս չէ։

 Ամբարիշտներուն զոհը Տէրոջը առջեւ պիղծ է,

Բայց ուղիղներուն աղօթքը անոր ընդունելի է։

 Տէրը ամբարիշտին ճամբայէն կը զզուի,

Բայց արդարութեան հետեւողը կը սիրէ։

10 Ուղիղ ճամբան մերժողին գէշ պատիժ կ’ըլլայ

Ու յանդիմանութիւնը ատողը պիտի մեռնի։

11 Դժոխքն ու կորուստը Տէրոջը առջեւն են,

Ո՜րչափ աւելի մարդոց որդիներուն սրտերը։

12 Մեծամիտը զինք յանդիմանողը չի սիրեր

Եւ իմաստուններուն քով չերթար։

13 Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ,

Բայց սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի։

14 Հանճարեղ սիրտը գիտութիւն կը փնտռէ,

Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութեամբ կը սնանի։

15 Վշտալից մարդուն բոլոր օրերը գէշ են,

Բայց ուրախ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է։

16 Աւելի աղէկ է քիչ բանը Տէրոջը վախովը,

Քան թէ մեծ գանձը՝ խռովութիւնով։

17 Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը,

Քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով։

18 Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ,

Բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ։

19 Ծոյլին ճամբան փշեղէն ցանկի պէս է,

Բայց ուղիղներուն ճամբան բանուկ է։

20 Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ,

Բայց անմիտը իր մայրը կ’անարգէ։

21 Պարզամիտ մարդուն՝ յիմարութիւնը զբօսանք է,

Բայց իմաստուն մարդը կ’ուղղէ իր ընթացքը։

22 Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին,

Բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին։

23 Մարդ իր բերնին պատասխանովը կ’ուրախանայ։

Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է։

24 Կեանքի ճամբան խոհեմ մարդը դէպի վեր կը տանի,

Որպէս զի վարի դժոխքէն հեռանայ։

25 Տէրը հպարտներուն տունը կը կործանէ, բայց որբեւայրիին սահմանը կը հաստատէ։ 26 Չար մարդուն խորհուրդները Տէրոջը առջեւ պիղծ են,

Բայց պարկեշտներուն խօսքերը հաճելի են։

27 Ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ,

Բայց կաշառքներէ զզուողը պիտի ապրի։

28 Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ

Բայց ամբարիշտներուն բերանէն չարիք կը բղխի։

29 Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է,

Բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ։

30 Աչքերուն լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ,

Բարի լուրը ոսկորները կը գիրցնէ։

31 Կեանքի յանդիմանութիւնը լսող ականջը

Իմաստուններուն մէջ պիտի բնակի։

32 Խրատ մերժողը իր հոգին կ’անարգէ,

Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը խելք կը վաստկի։

33 Տէրոջը վախը իմաստութեան խրատն է

Ու փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։

16 1 Սրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին,

Բայց լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է։

 Մարդուն բոլոր ճամբաները իրեն մաքուր կ’երեւնան,

Բայց Տէրը հոգիները կը կշռէ։

 Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ

Եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին։

 Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց

Ու ամբարիշտն ալ՝ ձախորդ օրուան համար։

 Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են

Ու թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին, անպատիժ պիտի չմնան։

 Ողորմութեամբ եւ ճշմարտութեամբ անօրէնութիւնը կը քաւուի

Ու Տէրոջը վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ։

 Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն հաճի,

Մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ։

 Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբ

Քան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ։

 Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ,

Բայց Տէրը կ’ուղղէ անոր քայլերը։

10 Թագաւորին շրթունքներուն վրայ աստուածային ներշնչում կայ

Եւ անոր բերանը դատաստանի մէջ չի սխալիր։

11 Ուղիղ կշռողը եւ կշիռքը Տէրոջն են,

Պարկին մէջի բոլոր կշիռքի քարերը անոր գործն են։

12 Չարագործութիւնը թագաւորներուն զզուելի է,

Վասն զի աթոռը արդարութեամբ հաստատուած է։

13 Արդար շրթունքները թագաւորներուն հաճելի են

Ու կը սիրեն շիտակ խօսողը։

14 Թագաւորին բարկութիւնը մահուան դեսպաններու պէս է.

Բայց իմաստուն մարդը զանիկա կ’իջեցնէ։

15 Թագաւորին երեսին լոյսը կեանք է

Ու անոր հաճութիւնը վերջին անձրեւի ամպին պէս է։

16 Իմաստութիւն ստանալը ոսկիէն շատ աղէկ է

Եւ հանճար վաստկիլը արծաթէն աւելի ընտիր է։

17 Ուղիղներուն մեծ ճամբան չարութենէ հրաժարիլն է։

Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողը իր հոգին կը պահէ։

18 Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն

Ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ։

19 Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը,

Հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է։

20 Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ

Ու Տէրոջը ապաւինողը երանելի է։

21 Իմաստուն սիրտ ունեցողը խոհեմ կը սեպուի

Եւ շրթունքներուն քաղցրութիւնը գիտութիւնը կ’աւելցնէ։

22 Խոհեմութիւնը կեանքի աղբիւր է զայն ունեցողին համար,

Բայց խրատը անմիտներուն յիմարութիւն է։

23 Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ

Ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ։

24 Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են,

Հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են։

25 Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ,

Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։

26 Աշխատող անձը իրեն համար կ’աշխատի.

Քանզի իր բերանը կը պահանջէ իրմէ։

27 Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէ

Ու անոր շրթունքներուն վրայ կարծես այրող կրակ կայ։

28 Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ

Եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ։

29 Անօրէն մարդը իր ընկերը կը խաբէ

Ու զանիկա գէշ ճամբաներ կը տանի։

30 Աչքերը կը գոցէ նենգութիւններ մտածելու համա

Եւ շրթունքները խածնելով չարութիւն կը կատարէ։

31 Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է,

Եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի։

32 Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է

Ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն։

33 Վիճակը ծոցը կը ձգուի,

Բայց անոր ամէն կարգադրութիւնը Տէրոջմէն է։

17 1 Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով,

Քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով։

Խոհեմ ծառան նախատինք բերող որդիին կ’իշխէ

Ու եղբայրներու մէջ ժառանգութեան բաժին կ’առնէ։

Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ,

Բայց սրտերը փորձողը Տէրն է։

Չար մարդը անիրաւին շրթունքներուն մտիկ կ’ընէ

Ու ստախօսը վնասակար լեզուին ականջ կը դնէ։

Աղքատը ծաղրողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ

Եւ ձախորդութեան վրայ ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ։

Թոռները ծերերուն պսակն են

Եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են։

Ընտիր խօսքը անզգամին չի վայլեր,

Ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին։

Պարգեւը՝ գործածողին առջեւ պատուական գոհարի պէս է,

Ուր որ դառնայ յաջողութիւն կը գտնէ։

Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ,

Բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ։

10 Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ,

Քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին։

11 Չար մարդը միշտ ապստամբութիւն կը փնտռէ

Ու անոր անգութ պատգամաւոր կը ղրկուի։

12 Աւելի աղէկ է ձագերը գողցուած արջին առջեւ ելլել,

Քան թէ յիմարի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը։

13 Ով որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ,

Չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ։

14 Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի,

Ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ։

15 Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝

Երկուքն ալ Տէրոջը առջեւ պիղծ են։

16 Իմաստութիւնը ծախու առնելու գինը ի՞նչ օգուտ ունի յիմարին ձեռքը,

Երբ խելք չունի։

17 Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ

Ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է։

18 Պակասամիտ մարդը գրաւական կու տայ

Ու իր բարեկամին համար երաշխաւոր կ’ըլլայ։

19 Կռիւ սիրողը յանցանք կը սիրէ։

Իր դուռը բարձրացնողը իր կործանումը կը փնտռէ։

20 Ծուռ սիրտ ունեցողը աղէկութիւն չի գտներ

Ու նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ’իյնայ։

21 Յիմարը ծնանողը տրտմութիւն կը կրէ

Եւ անզգամին հայրը չ’ուրախանար։

22 Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է,

Բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ։

23 Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ’առնէ,

Որպէս զի արդարութեան ճամբաները ծռէ։

24 Իմաստութիւնը խոհեմ մարդուն առջեւն է,

Բայց յիմարին աչքերը երկրի ծայրերն են։

25 Յիմար տղան իր հօրը՝ տրտմութիւն

Ու զինք ծնանողին դառնութիւն կ’ըլլայ։

26 Աղէկ չէ արդարէն տուգանք առնել,

Ո՛չ ալ իշխանները ծեծել իրաւունք ընելնուն համար։

27 Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է

Ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է։

28 Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն

Ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի։

18 1 Ինքնահաճոյ մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ

Եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ։

Յիմարը խոհեմութենէ չախորժիր,

Հապա իր սրտին մէջ եղածը յայտնել կ’ուզէ։

Երբ ամբարիշտը գայ՝ անարգութիւն ալ կու գայ

Ու նախատինքին հետ՝ խայտառակութիւն։

Մարդուն բերնին խօսքերը խորունկ ջուրեր են։

Իմաստութեան աղբիւրը առատաբուղխ գետ է։

Դատաստանի մէջ արդարը սուտ հանելու համար՝

Ամբարշտին աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։

Անմիտ մարդուն շրթունքները կռիւ կը բերեն

Ու անոր բերանը ծեծողը կը կանչէ։

Անմիտ մարդուն բերանը իրեն կործանում է

Եւ անոր շրթունքները իր անձին որոգայթ են։

Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են

Ու անոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։

Ան որ իր գործին մէջ թոյլ է,

Շռայլ մարդուն եղբայրն է։

10 Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է,

Արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ։

11 Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է

Ու անոր երեւակայութեանը մէջ բարձր բերդի պէս է։

12 Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ,

Բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։

13 Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ,

Յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն։

14 Մարդուն հոգին իր հիւանդութեանը կը համբերէ,

Բայց վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել։

15 Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի

Եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ։

16 Մարդուն ընծան անոր ճամբայ կը բանայ

Ու զանիկա մեծերուն առջեւ կը տանի։

17 Իր դատը առաջուընէ սկսողը իրաւունք ունեցող կը սեպուի.

Բայց երբ իր ոսոխը գայ՝ զանիկա կը քննէ։

18 Վիճակը վէճերը կը դադրեցնէ

Ու զօրաւորներուն մէջտեղ որոշում կ’ընէ։

19 Օգնութիւն ստացող եղբայր մը ամուր քաղաքէն անառիկ է

Եւ անոր վէճերը բերդի մը նիգերուն կը նմանին։

20 Մարդ իր բերնին պտուղէն կը կշտանայ

Ու իր շրթունքներուն արդիւնքէն կը գոհանայ։

21 Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են,

Անոնք, որ զայն կը սիրեն, անոր պտուղը կ’ուտեն։

22 Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ

Ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ։

23 Աղքատը աղաչելով կը խօսի,

Բայց հարուստը խիստ պատասխան կու տայ։

24 Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան,

Բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ։

19 1 Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը

Նենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է։

Հոգիին տգիտութիւնը աղէկ չէ

Ու ոտքերովը արտորացողը կը սահի։

Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ

Եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ։

Հարստութիւնը շատ բարեկամներ կ’աւելցնէ

Բայց աղքատը իր բարեկամէն կը լքուի։

Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ

Ու ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի։

Շատերը առատաձեռն մարդուն հաճութիւնը կը փնտռեն

Ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ։

Աղքատին բոլոր եղբայրները անկէ կը զզուին.

Անոր բարեկամները ա՛լ աւելի անկէ կը հեռանան

Ու անիկա ոչինչ խօսքերու ետեւէն կ’իյնայ։

Խելք վաստկողը իր հոգին կը սիրէ,

Իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ։

Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ

Ու ստութիւններ խօսողը պիտի կորսուի։

10 Յիմարին փափկութիւն չի վայլեր,

Նոյնքան եւ աւելի ծառայի մը՝ իշխաններու վրայ իշխել։

11 Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ

Եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է։

12 Թագաւորին բարկութիւնը առոյգ առիւծի մռնչիւնին կը նմանի,

Իսկ անոր հաճութիւնը խոտին վրայի ցօղին պէս է։

13 Անմիտ տղան իր հօրը թշուառութիւնն է

Ու կնոջ կռիւները շարունակական կաթիլներու պէս են։

14 Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են,

Բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է։

15 Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէ

Եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ։

16 Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ,

Իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի։

17 Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ

Ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։

18 Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ

Եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար։

19 Խիստ բարկացող մարդը պատիժը պէտք է կրէ,

Վասն զի եթէ անգամ մը ազատես՝ պիտի ստիպուիս կրկնել։

20 Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛,

Որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս։

21 Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան,

Բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ։

22 Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է

Ու աղքատը ստախօսէն աղէկ է։

23 Տէրոջը երկիւղը կեանքի պատճառ է,

Եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր։

24 Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ

Ու զանիկա իր բերանն անգամ չի տանիր։

25 Ծաղրողը ծեծէ, որ միամիտը խելացի ըլլայ։

Եթէ իմաստունը յանդիմանես՝ գիտութիւն պիտի շահի։

26 Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը՝

Ամօթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է։

27 Որդեա՛կ իմ, ե՛տ կեցիր այն խրատին մտիկ ընելէն,

Որը քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ։

28 Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ’ընէ

Ու ամբարիշտներուն բերանը անիրաւութիւնը կը կլլէ։

29 Ծաղրողներուն համար՝ դատապարտութիւններ

Եւ անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են։

20 1 Գինին ծաղրող է ու ցքին՝ կռուազան։

Ով ո՛ր ասոնց անձնատուր ըլլայ՝ իմաստուն չ’ըլլար։

Թագաւորին ահը առոյգ առիւծին մռնչիւնին պէս է

Ու զանիկա բարկացնողը իր անձին վնաս կ’ընէ։

Կռիւէն ետ կենալը մարդուն փառք է,

Բայց ամէն յիմար կռուասէր է։

Ձմեռ ըլլալուն համար ծոյլը գետինը չի հերկեր,

Ուստի հունձքի ատենը պիտի մուրայ ու բան մը պիտի չունենայ։

Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է,

Բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ։

Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն,

Բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել։

Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է, ուստի

Անոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան։

Դատաստանի աթոռը նստող թագաւորը

Իր աչքերովը ամէն չարիք կը ցրուէ։

 Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Իմ սիրտս սրբեցի,

Իմ մեղքէս մաքրուեցայ’։

10 Երկու տեսակ կշիռքի քար, երկու տեսակ չափ՝

Հաւասարապէս Տէրոջը առջեւ պիղծ են։

11 Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնը

Անոր գործերէն կը հասկցուի։

12 Լսող ականջն ու տեսնող աչքը,

Երկուքն ալ Տէրը ստեղծեր է։

13 Քունը մի՛ սիրեր, որպէս զի չաղքատանաս։

Աչքերդ բաց, որպէս զի հացով կշտանաս։

14 Ծախու առնողը «Գէշ է, գէշ է», կ’ըսէ,

Բայց երբ երթայ, այն ատեն կը պարծենայ։

15 Ոսկի ու շատ գոհար կը գտնուի,

Բայց գիտութեան շրթունքները մեծագին զարդեր են։

16 Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին՝ զգեստը առ

Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն՝ գրաւ ա՛ռ։

17 Ստութեան հացը մարդուն ախորժելի է,

Բայց ետքը անոր բերանը խիճով պիտի լեցուի։

18 Դիտաւորութիւնը խորհրդով կը հաստատուի,

Ուստի իմաստութեամբ պատերազմ ըրէ։

19 Բանսարկութիւն ընողը գաղտնիքը կը յայտնէ,

Ուրեմն շողոքորթութիւն ընողին հետ հաղորդակցութիւն մի՛ ունենար։

20 Ով որ իր հայրն ու մայրը կ’անիծէ,

Անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի։

21 Այն ժառանգութիւնը, որ սկիզբը արտորնօք կ’առնուի,

Անոր վերջը պիտի չօրհնուի։

22 «Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ», մի՛ ըսեր,

Տէրոջը սպասէ ու անիկա քեզի պիտի օգնէ։

23 Զանազան տեսակ կշիռքի քարերը Տէրոջը առջեւ պիղծ են

Ու նենգաւոր կշիռքը աղէկ չէ։

24 Մարդուն քայլերը Տէրոջմէն կը կառավարուին,

Ուստի մարդը իր ճամբան ի՞նչպէս կրնայ որոշել։

25 Անխորհրդաբար բան մը նուիրելը եւ ուխտ ընելէն ետքը անդրադառնալը

Մարդուն որոգայթ են։

26 Իմաստուն թագաւորը ամբարիշտները կը զատէ

Ու անիւը անոնց վրայ կը քշէ։

27 Մարդուն հոգին Տէրոջը լոյսն է,

Սրտին բոլոր շտեմարանները կը քննէ։

28 Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թագաւորը կը պահեն,

Անիկա ալ իր աթոռը ողորմութեամբ կը հաստատէ։

29 Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է

Եւ ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է։

30 Վէրքի նշաններն ու փորի շտեմարանները հասնող հարուածները

Չար մարդուն մաքրողական դեղ են։

21 1 Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ,

Զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ։

Մարդուն ճամբան իրեն ուղիղ կ’երեւնայ,

Բայց Տէրը սրտերը կը կշռէ։

Արդարութիւն եւ իրաւունք գործելը

Զոհէն աւելի ընդունելի է Տէրոջը։

Ամբարտաւան աչքերը եւ հպարտ սիրտը

Եւ ամբարիշտներուն լոյսը մեղք են։

Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն,

Բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ։

Սուտ լեզուով գանձեր վաստկիլը

Մահը փնտռողներուն հալածած ունայնութիւնն է։

Ամբարիշտներուն բռնութիւնը զանոնք պիտի կորսնցնէ,

Վասն զի իրաւունք ընել չեն ուզեր։

Երբ մարդուն ճամբան ծուռ ըլլայ՝ կը խոտորի.

Բայց մաքուր ընթացքը ուղիղ է։

Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ,

Քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ տան մէջ։

10 Ամբարիշտ մարդուն հոգին չարութեան կը ցանկայ

Ու անոր ընկերը անոր առջեւ շնորհք չի գտներ։

11 Եթէ ծաղրողը տուգանքի ենթարկուի, միամիտը իմաստուն կ’ըլլայ

Եւ եթէ իմաստունը խրատուի, գիտութիւն կը ստանայ։

12 Արդարը խոհեմութեամբ ամբարիշտին տունը կը դիտէ,

Երբ ամբարիշտները չարութեան համար կործանին։

13 Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ,

Ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ։

14 Գաղտնի պարգեւը բարկութիւնը կ’իջեցնէ

Եւ ծոցը դրուած ընծան սաստիկ կատաղութիւնը կը դադրեցնէ։

15 Իրաւունք ընելը արդարին ուրախութիւն է,

Բայց անիրաւին տանջանք է.

16 Խոհեմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը

Մեռելներուն ժողովին մէջ պիտի մնայ։

17 Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ’իյնայ,

Գինին ու իւղը սիրողը չի հարստանար։

18 Ամբարիշտը՝ արդարին համար

Ու անօրէնը ուղիղներուն համար փրկանք կ’ըլլայ։

19 Աղէկ է անապատը բնակիլ,

Քան թէ՝ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ։

20 Իմաստունին բնակարանին մէջ ցանկալի գանձ ու իւղ կը գտնուի,

Բայց անմիտ մարդը իր ունեցածը կը կլլէ։

21 Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը

Կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ։

22 Իմաստունը զօրաւորներուն քաղաքը կ’ելլէ

Եւ անոնց ապաւինած ամրութիւնը կը փլցնէ։

23 Իր բերանն ու լեզուն պահողը՝

Իր հոգին նեղութիւններէ կը պահէ։

24 Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը,

Որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի։

25 Ծոյլին ցանկութիւնը զանիկա կը մեռցնէ,

Վասն զի անոր ձեռքերը աշխատիլ չեն ուզեր։

26 Անօրէնը ամէն օր սաստիկ կը ցանկայ.

Իսկ արդարը կու տայ ու չի խնայեր։

27 Ամբարիշտներուն զոհը պիղծ է,

Մանաւանդ՝ երբ զանիկա չար դիտաւորութեամբ կը մատուցանեն։

28 Սուտ վկան պիտի կորսուի,

Բայց լսող մարդը զգուշութեամբ պիտի խօսի։

29 Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պնդացնէ,

Բայց ուղիղը իր ճամբաները կը շտկէ։

30 Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ

Որ Տէրոջը դէմ կենայ։

31 Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի,

Բայց փրկութիւնը Տէրոջմէն է։

22 1 Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է

Ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։

Հարուստն ու աղքատը իրարու կը հանդիպին,

Ամէնքը ստեղծողը Տէրն է։

Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ,

Բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին։

Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը

Հարստութիւն, փառք ու կեանք են։

Ծուռ մարդուն ճամբուն մէջ փուշեր ու որոգայթներ կան,

Ուստի իր հոգին պահողը՝ անոնցմէ հեռու պիտի կենայ։

Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը,

Որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի։

Հարուստը աղքատներուն վրայ կը տիրէ

Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ։

Չարութիւն ցանողը ունայնութիւն կը հնձէ

Եւ անոր բարկութեան գաւազանը պիտի կորսուի։

Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ,

Վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ։

10 Ծաղրողը եթէ վռնտես, կռիւը կ’անցնի

Ու վէճը եւ անարգանքը կը դադրին։

11 Սրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ

Ու թագաւորը անոր բարեկամ կ’ըլլայ։

12 Տէրոջը աչքերը գիտութիւնը կը պահպանեն,

Բայց ինք անօրէնին խօսքերը կ’աւրէ։

13 Ծոյլը կ’ըսէ. «Դուրսը առիւծ կայ,

Հրապարակին մէջ պիտի մեռցուիմ»։

14 Օտար կիներուն բերանը խորունկ փոս է,

Տէրոջը ատելի եղողը հոն կ’իյնայ։

15 Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է.

Խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ։

16 Իր ստացուածքը շատցնելու համար աղքատին զրկանք ընողը

Ու հարուստին տուողը՝ անշուշտ կարօտութեան պիտի մատնուի։

ԵՐԵՍՈՒՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ

17 Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ

Եւ քու սիրտդ իմ գիտութեանս տուր.

18 Վասն զի եթէ անոնք քու սրտիդ մէջ պահես, հաճելի բան է,

Անոնք քու շրթունքներուդ վրայ ալ պիտի հաստատուին։

19 Ահա քեզի այս բաները այսօր իմացուցի,

Որպէս զի քու ապաւէնդ Տէրը ըլլայ։

20 Միթէ ես քեզի երեսուն խրատներ

Ու գիտութիւն չգրեցի՞,

21 Որպէս զի քեզի ճշմարիտ խօսքերուն ստուգութիւնը ցուցնեմ,

Որպէս զի քեզի հարցնողներուն ճշմարիտ խօսքերով պատասխան տաս։

–1–

22 Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար

Ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։

23 Վասն զի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ

Եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ։

–2–

24 Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ

Ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար.

25 Որպէս զի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս

Եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես։

–3–

26 Գրաւական տուողներէն մի՛ ըլլար,

Ոչ ալ՝ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն։

27 Եթէ վճարելու կարողութիւն չունիս

Ինչո՞ւ համար տակէդ քու անկողինդ առնեն։

–4–

28 Տեղէն մի՛ շարժեր հին սահմանին նշանը,

Որ քու հայրերդ դրեր են։

–5–

29 Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս,

Անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ,

Բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ։

–6–

23 1 Երբ իշխանի հետ սեղան նստիս,

Առջեւդ դրուածին աղէ՛կ նայէ.

 Ու եթէ դուն ախորժակի տէր մարդ ես,

Կոկորդիդ վրայ դանակ դի՛ր։

 Անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար,

Վասն զի անոնք խաբէութեան հաց են։

–7–

 Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր,

Քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր։

 Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է.

Անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ

Ու արծիւի պէս օդը կը թռչի։

–8–

 Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր

Եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար.

 Վասն զի անիկա իր սրտին մէջ ինչպէս կը մտածէ, այնպէս է։

«Կե՛ր ու խմէ՛», կ’ըսէ քեզի,

Բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ։

 Կերած պատառդ պիտի փոխես

Ու հաճելի խօսքերդ պիտի կորսնցնես։

–9–

 Յիմարին ականջներուն մի՛ խօսիր,

Քանզի քու խօսքերուդ իմաստութիւնը կ’անարգէ։

–10–

10 Վաղեմի սահմանին նշանը տեղէն մի՛ վերցներ

Ու որբերուն արտերը մի՛ մտներ,

11 Քանզի անոնց Վրէժխնդիրը զօրաւոր է

Եւ քեզի դէմ անոնց իրաւունքը անիկա՛ պիտի պաշտպանէ։

–11–

12 Քու սիրտդ խրատի տուր

Ու ականջներդ՝ գիտութեան խօսքերուն։

–12–

13 Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր,

Վասն զի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր։

14 Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծես,

Բայց անոր հոգին դժոխքէն կ’ազատես։

–13–

15 Որդեա՛կ իմ, եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ,

Իմ սիրտս կ’ուրախանայ։

16 Ու երբ քու շրթունքներդ ուղիղ բաներ խօսին,

Իմ երիկամունքներս պիտի ցնծան։

–14–

17 Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի,

Հապա ամէն օր Տէրոջը վախին մէջ եղիր։

18 Վասն զի իրաւցնէ վախճան մը կայ

Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։

–15–

19 Որդեա՛կ իմ, լսէ՛ ու իմաստուն եղի՛ր

Եւ քու սիրտդ դէպի ուղիղ ճամբան շտկէ՛։

20 Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն

Ու իրենց մարմինը մաշողներուն

21 Վասն զի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան

Եւ շատ քունը՝ պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ։

–16–

22 Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է

Ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ։

23 Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր։

Նմանապէս՝ իմաստութիւնը, խրատն ու հանճարը։

24 Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ

Եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ։

25 Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան

Ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ։

–17–

26 Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր

Եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն.

27 Վասն զի պոռնիկը խորունկ փոս է

Ու օտար կինը նեղ ջրհոր է։

28 Անիկա գողի պէս դարանը կը մտնէ

Ու մարդոց մէջ անհաւատարիմները կ’աւելցնէ։

–18–

29 Որո՞ւն է վայը. որո՞ւն է ցաւը.

Որո՞ւն են կռիւները. որո՞ւն են տրտունջները,

Որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը.

Որո՞ւն է աչքերու կարմրութիւնը։

30 Գինիին քով մնացողներուն,

Խառնուած գինին փնտռելու գացողներուն։

31 Մի՛ նայիր գինիին կարմրութեանը,

Գաւաթին մէջ իր գոյնը ցուցնելուն ու շիտակ վազելուն։

32 Անիկա ետքը օձի պէս կը խածնէ

Ու քարբի պէս կը խայթէ։

33 Անկէ ետքը քու աչքդ օտար կիներու պիտի նայի

Եւ քու սիրտդ ծուռ բաներ պիտի խօսի

34 Եւ ծովու մէջ պառկողի պէս

Ու կայմի վրայ պառկողի պէս պիտի ըլլաս։

35 Եւ պիտի ըսես.

«Զիս ծեծեցին ու ես ցաւ մը չզգացի,

Ինծի զարկին ու ես բան մը չիմացայ.

Ե՞րբ պիտի արթննամ,

Որպէս զի զանիկա նորէն փնտռեմ»։

–19–

24 1 Չար մարդոց մի՛ նախանձիր

Ու անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար.

 Վասն զի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհի

Եւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին։

–20–

 Տունը իմաստութեամբ կը շինուի

Ու հանճարով կը հաստատուի։

 Շտեմարանները գիտութեամբ

Եւ ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին։

–21–

 Իմաստուն մարդը զօրաւոր կ’ըլլայ

Ու գիտութիւն ունեցողը ոյժ կ’աւելցնէ.

 Վասն զի պատերազմդ խոհեմութեամբ կ’ընես.

Եւ ազատութիւնը խորհրդականներու շատութիւնով կ’ըլլայ։

–22–

 Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ բարձր է.

Անիկա դրանը մէջ իր բերանը չի բանար։

–23–

 Ով որ չարութիւն ընել կը մտածէ,

Անիկա նենգամիտ պիտի կոչուի։

 Յիմարութեան խորհուրդը մեղք է

Եւ ծաղր ընողը մարդոց զզուելի է։

–24–

10 Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս,

Ոյժդ քիչ է։

–25–

11 Ազատէ՛ զանոնք, որ մեռցուելու կը տարուին

Ու սպաննուելու վրայ եղողները ազատելէն ետ մի՛ կենար։

12 Եթէ ըսեն թէ՝ «Մենք ասիկա չգիտցանք»,

Ահա սրտերը քննողը կը հասկնայ

Ու քու հոգիդ պաշտպանողը ինք գիտէ

Եւ ամէն մարդու իր գործին չափովը պիտի հատուցանէ։

–26–

13 Որդեա՛կ իմ, մեղր կեր, որ աղէկ է

Եւ մեղրախորիսխ կե՛ր, որ քիմքիդ քաղցր է։

14 Իմաստութեան ճանաչումն ալ քու հոգիիդ այնպէս քաղցր պիտի ըլլայ։

Եթէ զանիկա գտնես

Եւ վախճան մը կայ

Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։

–27–

15 Ո՛վ չար, արդարին տանը դարանակալ մի՛ ըլլար,

Անոր բնակարանը մի՛ աւերեր։

16 Վասն զի արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի.

Բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնան։

–28–

17 Երբ քու թշնամիդ իյնայ՝ մի՛ ուրախանար

Ու երբ ոտքը սահի՝ քու սիրտդ թող չցնծայ։

18 Չըլլայ որ Տէրը տեսնէ ու իրեն անհաճոյ երեւնայ

Եւ իր բարկութիւնը անոր վրայէն դարձնէ։

–29–

19 Չարագործներուն համար մի՛ սրտմտիր

Ու ամբարիշտներուն մի՛ նախանձիր.

20 Վասն զի չար մարդը բարի վախճան չ’ունենար։

Ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։

–30–

21 Որդեա՛կ իմ, Տէրոջմէ ու թագաւորէն վախցի՛ր

Եւ խռովարար մարդոց հետ մի՛ խառնուիր.

22 Քանզի անոնց կործանումը յանկարծ կ’ըլլայ

Ու երկուքին ալ պատուհասը ո՞վ կը ճանչնայ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐՈՒ

23 Այս բաներն ալ իմաստուններուն յատուկ են։

Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։

24 Ով որ ամբարշտին կ’ըսէ՝ «Դուն արդար ես»,

Ազգերը անոր անէծք պիտի տան

Ու ժողովուրդները զանիկա պիտի անարգեն։

25 Բայց զանոնք յանդիմանողները պիտի բերկրին

Եւ անոնց վրայ առատ օրհնութիւն պիտի գայ։

26 Շիտակ պատասխան տուողը՝

Շրթունքներ կը համբուրէ։

27 Դուրսի գործդ կանոնաւորէ

Եւ զանիկա քու արտիդ մէջ կարգի դիր

Ու տունդ ետքը շինէ։

28 Քու դրացիիդ դէմ զուր տեղ վկայութիւն մի՛ ըներ

Եւ քու շրթունքներովդ մի՛ խաբեր։

29 Մի՛ ըսեր՝ «Անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ,

Այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ»։

30 Ծոյլ մարդուն՝ արտին քովէն

Ու պակասամիտ մարդուն այգիին քովէն անցայ։

31 Ամենուն մէջ փուշեր բուսեր էին

Ու անոնց երեսը եղիճներ ծածկեր էին

Եւ անոր քարէ պատը փլած էր։

32 Երբ զանիկա տեսայ՝ մտքիս մէջ պահեցի,

Անոր նայեցայ ու անկէ խրատ առի։

33 Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես

Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես ննջելու համար,

34 Քու աղքատութիւնդ ճամբորդի պէս պիտի գայ

Եւ քու կարօտութիւնդ՝ սպառազինեալ մարդու պէս։

25 1 Ասոնք ալ Սողոմոնի առակներն են, որոնք Յուդայի Եզեկիա թագաւորին մարդիկը օրինակեցին։

 Բանը ծածկելը Աստուծոյ փառքն է,

Բայց թագաւորներուն փառքը բանը աղէկ քննելն է։

Երկնքի բարձրութիւնն ու երկրի խորութիւնը

Եւ թագաւորներուն սիրտը չեն քննուիր։

Վերցո՛ւր արծաթէն կղկղանքը

Ու ոսկերիչին համար մաքուր անօթ կ’ելլէ։

Վերցո՛ւր թագաւորին առջեւէն ամբարիշտը

Ու անոր աթոռը արդարութեամբ կը հաստատուի։

Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր

Եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար,

 Վասն զի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ «Հո՛ս, վեր ելիր»,

Քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ։

Կռիւի համար շուտով դուրս մի՛ ելլեր.

Չըլլայ թէ երբ ընկերդ քեզ ամչցնէ,

Դուն վերջը ինչ ընելիքդ չգիտնաս։

Ընկերիդ հետ քու դատդ վարէ՛,

Բայց գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ,

10 Որպէս զի լսողը քեզ չանարգէ

Ու գէշ անունդ անջնջելի մնայ։

11 Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը

Արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի։

12 Իմաստունին յանդիմանութիւնը՝ մտիկ ընող ականջին՝

Ոսկիէ օղ ու մաքուր ոսկիէ մանեակ է։

13 Հաւատարիմ դեսպանը զինք ղրկողներուն

Հունձքի ատեն ձիւնին զովութեանը պէս է

Եւ իր տիրոջը հոգին կը զովացնէ։

14 Սուտ առատաձեռնութեան վրայ պարծեցողը

Անանձրեւ ամպերու եւ հովի պէս է։

15 Համբերութեամբ իշխանին սիրտը կը շինուի

Եւ անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ։

16 Եթէ մեղր գտնես, միայն քեզի բաւական եղածին չափ կեր,

Չըլլայ որ յագենաս ու զանիկա փսխես։

17 Քու ոտքդ դրացիիդ տունը թող չյաճախէ,

Չըլլայ որ քեզմէ ձանձրանայ ու քեզ ատէ։

18 Իր դրացիին համար սուտ վկայութիւն ընողը

Լախտի, սուրի եւ սրած նետի պէս է։

19 Նեղութեան օրը անհաւատարիմ մարդու ապաւինիլը

Փշրուող ակռայի եւ դիւրասահ ոտքի ապաւինելու պէս է։

20 Տրտում մարդուն առջեւ երգեր երգողը

Ցուրտ օրը իր զգեստը հանողին

Կամ բորակի վրայ թափուած քացախին կը նմանի։

21 Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուր

Ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր։

22 Քանզի այսպէս ընելով անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես

Եւ Տէրը քեզի հատուցում պիտի ընէ։

23 Հիւսիսային հովը ամպեր կը հաւաքէ

Ու խոժոռ դէմքը՝ չարախօս լեզու։

24 Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ,

Քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ։

25 Ինչպէս է պաղ ջուրը՝ ծարաւցած մարդուն,

Այնպէս է հեռու երկրէ եկած բարի լուրը։

26 Չար մարդուն առջեւ ինկող արդարը

Տղմուտ աղբիւրի ու պղտորած ակի կը նմանի։

27 Շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ

Եւ մարդուն իր փառքը փնտռելը փառք չէ։

28 Իր ոգին չզսպող մարդը՝

Փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է։

26 1 Ինչպէս ամառուան մէջ՝ ձիւն եւ հունձքի ատեն՝ անձրեւ,

Այնպէս ալ յիմարին պատիւ չի վայլեր։

Ինչպէս ճնճղուկը կը պտըտի ու ծիծեռնակը կը թռչի,

Այնպէս ալ առանց պատճառի անէծք չի գար։

Ձիուն՝ խարազան ու իշուն՝ խթան

Եւ յիմարներուն կռնակին գաւազան պէտք է։

Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար,

Որպէս զի դուն ալ անոր նման չըլլաս։

Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տուր,

Որպէս զի անիկա ինքզինք իմաստուն չկարծէ։

Յիմարին ձեռքով խօսք ղրկողը

Իր ոտքերը կը կտրէ ու վնաս կը քաշէ։

Ինչպէս կաղին ոտքերը կ’երերան,

Այնպէս յիմարին բերնին մէջ՝ առակը։

Յիմարին պատիւ տուողը

Քարակոյտի մը մէջ պատուական քարերու ծրար դնողին կը նմանի։

Առակը՝ յիմարին բերնին մէջ,

Գինովին ձեռքը մտնող փուշին պէս է։

10 Մեծ է ամէն բան Ստեղծողը,

Որ յիմարին վարձք կու տայ եւ յանցաւորներուն վարձք կու տայ։

11 Ինչպէս շունը իր փսխածին կը դառնայ,

Այնպէս ալ յիմարը իր յիմարութեանը կը դառնայ։

12 Զինք իմաստուն կարծող մարդ մը տեսա՞ր.

Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։

13 Ծոյլը կ’ըսէ. «Ճամբուն մէջ եւ հրապարակներուն մէջ առիւծ կայ»։

14 Ինչպէս դուռը իր ծխնիներուն վրայ կը դառնայ,

Այնպէս ծոյլը՝ իր անկողնին վրայ։

15 Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ,

Բայց բերանը տանելու անգամ դժուարութիւն կը զգայ։

16 Ծոյլը՝ իր աչքերուն,

Խելացի պատասխան տուող եօթը մարդէն աւելի իմաստուն կ’երեւնայ։

17 Իրենը չեղած դատին համար բարկացող անցորդը

Շունը ականջներէն բռնողին պէս է։

18 Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ,

19 Այնպէս է այն մարդը որ իր բարեկամին նենգութիւն կ’ընէ

Ու ետքը կ’ըսէ. «Կատակ ըրի»։

20 Առանց փայտի կրակը կը մարի

Եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի։

21 Ինչպէս ածուխը՝ կայծերուն ու փայտը՝ կրակին,

Այնպէս է կռուարար մարդը վէճ բռնկցնելու։

22 Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են,

Որոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։

23 Կրքոտ շրթունքները եւ չար սիրտը

Արծաթի կղկղանքով պատուած հողէ ամանի կը նմանին։

24 Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէ

Ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ։

25 Անոր գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար,

Վասն զի անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ։

26 Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ,

Անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի։

27 Փոս փորողը ինք մէջը պիտի իյնայ

Եւ ան որ քար կը գլորէ՝ իրեն պիտի դառնայ։

28 Ստախօս լեզուն իր ծեծածները կ’ատէ

Ու շողոքորթ բերանը կորուստ կը յառաջացնէ։

27 1 Վաղուան համար մի՛ պարծենար,

Վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի։

Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ոչ թէ՝ քու բերանդ,

Օտարը՝ ո՛չ թէ քու շրթունքներդ։

Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի,

Բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծանր է։

Բարկութիւնը անողորմ է ու սրտմտութիւնը՝ խիստ.

Բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ։

Յայտնի յանդիմանութիւնը

Ծածուկ սէրէն աղէկ է։

Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են,

Բայց թշնամիին համբոյրները առատ են։

Կուշտ մարդը խորիսխը կ’արհամարհէ,

Բայց անօթի մարդուն լեղի բանն ալ անոյշ կու գայ։

Իր տեղէն թափառական եղող մարդը,

Իր բոյնէն թափառական եղող թռչունին պէս է։

Իւղն ու խունկը սիրտը կը զուարճացնեն

Եւ սրտմտութենէն հոգին կը խռովի։

10 Քու բարեկամդ ու քու հօրդ բարեկամը մի՛ թողուր

Եւ քու նեղութեանդ ատենը քու եղբօրդ տունը մի՛ երթար։

Մօտ դրացին հեռու եղող եղբօրմէն աղէկ է։

11 Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր,

Որպէս զի զիս անարգողին պատասխան տամ։

12 Խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ,

Բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն։

13 Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին զգեստը ա՛ռ

Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն գրաւ ա՛ռ։

14 Եթէ մէկը առտու կանուխ ելլէ ու իր դրացին բարձր ձայնով օրհնէ,

Ասիկա անոր անէծք կը սեպուի։

15 Անձրեւոտ օրուան շարունակ կաթիլն

Ու կռուազան կինը իրարու կը նմանին։

16 Զանիկա պահողը հովը կը պահէ

Եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած իւղը զինք կը յայտնէ։

17 Երկաթը երկաթով կը սրուի

Ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ։

18 Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ’ուտէ

Եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ։

19 Ինչպէս ջուրը՝ երեսը երեսին,

Նոյնպէս սիրտը մարդը մարդուն կը ցուցնէ։

20 Դժոխքն ու կորուստը չեն կշտանար,

Մարդուն աչքերն ալ չեն կշտանար։

21 Ինչպէս հալոցը՝ արծաթը եւ քուրան ոսկին կը փորձէ,

Այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ։

22 Յիմարը ցորենի հետ անկանի մէջ հաւանով ծեծես ալ,

Անոր յիմարութիւնը անկէ չ’երթար։

23 Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր

Եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ,

24 Վասն զի հարստութիւնը միշտ չի մնար

Ու թագը դարէ դար չի տեւեր։

25 Կանանչը կը բուսնի, խոտը կ’երեւնայ

Եւ լեռներուն խոտերը կը հաւաքեն։

26 Գառները քու հագուստիդ համար են

Ու նոխազները դաշտերուն գինն են։

27 Քու կերակուրիդ համար եւ քու տանդ կերակուրին համար

Ու քու աղախիններուդ ապրուստին համար

Բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս։

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ

28 1 Ամբարիշտը առանց մէկէն հալածուելու կը փախչի,

Բայց արդարները առոյգ առիւծի պէս քաջասիրտ կ’ըլլան։

Երկրին յանցանքովը անոր իշխանները շատ կ’ըլլան,

Բայց անոր վիճակը իմաստուն ու գիտուն մարդուն ձեռքով շատ ատեն կը դիմանայ։

Աղքատները զրկող չքաւոր մարդը

Հացի կարօտութիւն բերող յորդահոս անձրեւի պէս է։

Օրէնքը մերժողները ամբարիշտները կը գովեն,

Բայց օրէնքը պահողները անոնց դէմ կը կենան։

Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար,

Բայց Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան։

Իր կատարելութեանը մէջ քալող աղքատը՝

Ծուռ ճամբաներու մէջ քալող հարուստ մարդէն աղէկ է։

Օրէնքը պահողը իմաստուն տղայ է,

Բայց շռայլներուն բարեկամ եղողը իր հայրը կ’ամչցնէ։

Իր ստացուածքը տոկոսով եւ վաշխով աւելցնողը,

Զանիկա աղքատին ողորմութիւն ընողին համար կը հաւաքէ։

Ան որ օրէնքին մտիկ չընելու համար կը գոցէ իր ականջը,

Անոր աղօթքն անգամ պիղծ է։

10 Ան որ ուղիղները չար ճամբու կ’առաջնորդէ, իր փոսին մէջ ինք պիտի իյնայ.

Սակայն արդարները բարիք պիտի ժառանգեն։

11 Հարուստ մարդը իր աչքերուն իմաստուն կ’երեւնայ,

Բայց հանճարեղ աղքատը անոր անմտութիւնը երեւան կը հանէ։

12 Երբ արդարները ուրախանան, մեծ փառք կ’ըլլայ,

Բայց երբ ամբարիշտները բարձրանան, մարդ կը փնտռուի։

13 Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ,

Բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ։

14 Միշտ վախցող մարդը երանելի է,

Բայց իր սիրտը խստացնողը չարիքի մէջ պիտի իյնայ։

15 Աղքատ ժողովուրդի վրայ իշխող ամբարիշտը

Մռնչող առիւծի ու անյագ արջի կը նմանի։

16 Խոհեմութիւն չունեցող իշխանը շատ զրկանքներ կ’ընէ,

Բայց ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ’աւելցնէ։

17 Արիւնապարտ մարդը մինչեւ գուբը կը փախչի։

Թող մէ՛կը չպաշտպանէ զանիկա։

18 Կատարելութեամբ քալողը փրկութիւն կը գտնէ,

Բայց ծուռ մարդը, որ երկու ճամբով կը քալէ, անոնց մէկուն մէջ կ’իյնայ։

19 Երկրագործը հացով պիտի կշտանայ,

Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը աղքատութեամբ պիտի լեցուի։

20 Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ’առնէ,

Բայց հարուստ ըլլալու արտորացողը անպատիժ պիտի չմնայ։

21 Աչառութիւն ընելը աղէկ չէ,

Վասն զի պատառ մը հացի համար մարդ կրնայ յանցանք գործել։

22 Չար աչք ունեցող մարդը հարուստ ըլլալու կ’արտորայ,

Ու չի գիտեր թէ իր վրայ աղքատութիւն պիտի գայ։

23 Մարդ յանդիմանողը վերջապէս շնորհք կը գտնէ

Լեզուով շողոքորթութիւն ընողէն աւելի։

24 Ան որ իր հայրը կամ մայրը կը կողոպտէ եւ կ’ըսէ՝ «Յանցանք չէ»,

Անիկա ապականող մարդուն ընկերն է։

25 Հպարտ սիրտ ունեցող մարդը կռիւ կը հանէ,

Բայց Տէրոջը ապաւինողը պիտի գիրնայ։

26 Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է,

Բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի։

27 Աղքատին տուողը կարօտ չ’ըլլար,

Բայց անկէ երես դարձնողը շատ անէծքներ պիտի առնէ։

28 Եթէ ամբարիշտները բարձրանան, մարդիկ կը պահուին,

Բայց եթէ անոնք կորսուին, արդարները կը շատնան։

29 1 Շատ անգամ յանդիմանուած մարդը, երբ իր պարանոցը խստացնէ,

Յանկարծ պիտի կոտրուի ու բժշկութիւն պիտի չգտնէ։

Եթէ արդարները զօրանան, ժողովուրդը կ’ուրախանայ,

Բայց երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ։

Իմաստութիւն սիրող մարդը իր հայրը կ’ուրախացնէ,

Բայց պոռնիկներուն ընկեր եղողը ստացուածքը կը ցրուէ։

Արդարութեա՛մբ թագաւորը կը հաստատէ իր երկիրը,

Բայց կաշառք առնողը զանիկա կը կործանէ։

Իր ընկերին շողոքորթութիւն ընող մարդը,

Անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ։

Չար մարդուն ամբարշտութեանը մէջ որոգայթ կայ,

Բայց արդարը ցնծութեան եւ ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ։

Արդարը աղքատներուն իրաւունքը կը ճանչնայ,

Բայց չար մարդը տեղեակ չ’ըլլար։

Ծաղրող մարդիկ քաղաքը կը բռնկեցնեն,

Բայց իմաստունները բարկութիւնը կը դադրեցնեն։

Իմաստուն մարդը, երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն ընէ,

Թէ՛ սրդողի եւ թէ՛ ծիծաղի՝ հանգիստ չ’ըլլար։

10 Արիւնահեղ մարդիկ արդարը կ’ատեն,

Բայց ուղիղները անոր որպիսութիւնը կը հարցնեն։

11 Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ,

Բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ։

12 Սուտ խօսքերու ականջ դնող իշխանին

Բոլոր ծառաները չար կ’ըլլան։

13 Աղքատն ու բռնաւորը իրարու հանդիպեցան.

Երկուքին ալ աչքերուն լոյս տուողը Տէրն է։

14 Աղքատները ճշմարտութեամբ դատող թագաւորին աթոռը

Յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ։

15 Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան,

Բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ։

16 Երբ ամբարիշտները շատնան, յանցանքը կը շատնայ,

Բայց արդարները անոնց իյնալը պիտի տեսնեն։

17 Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէս զի քեզ հանգստացնէ

Եւ քու հոգիդ զուարճացնէ։

18 Առանց մարգարէութեան՝ ժողովուրդը կը խոտորի,

Բայց օրէնքը պահողը երջանիկ կ’ըլլայ։

19 Հասկցող ու պատասխան տուող ծառան

Խօսքերով չի խրատուիր։

20 Իր խօսքերուն մէջ արտորացող մարդ մը տեսա՞ր.

Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։

21 Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ,

Վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ։

22 Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ

Եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ։

23 Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ,

Բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի։

24 Գողին ընկեր եղողը իր հոգին կ’ատէ,

Անիկա կ’երդնու, բայց իր գիտցածը չի յայտներ։

25 Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ,

Բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ։

26 Շատերը իշխանին օգնութիւնը կը փնտռեն,

Բայց Տէրոջմէն է մարդուն իրաւունքը։

27 Անօրէն մարդը արդարներուն զզուելի է, իսկ ուղղութեամբ քալողը ամբարիշտին զզուելի է։

ԱԳՈՒՐԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ

30 1 Յակէեան Ագուրին խօսքերը՝

Այսինքն պատգամը, որ ան տուաւ, Իթիէլին եւ Ուքալին։

Արդարեւ ես ամէն մարդէ թանձրամիտ եմ

Ու մարդկային խոհեմութիւն չունիմ։

 Իմաստութիւն չսորվեցայ

Ու Ամենասուրբին գիտութիւնը չեմ գիտեր։

 Ո՞վ երկինք ելաւ ու իջաւ։

Ո՞վ հովը իր ձեռքերուն մէջ հաւաքեց։

Ո՞վ ջուրերը իր հանդերձին մէջ ամփոփեց։

Ո՞վ երկրի բոլոր ծայրերը հաստատեց։

Ի՞նչ է անոր անունը ու անոր որդիին անունը.

Եթէ գիտես՝ ըսէ՛։

 Աստուծոյ բոլոր խօսքերը մաքուր են։

Անիկա իրեն ապաւինողներուն ասպար է։

 Դուն անոր խօսքերուն վրայ բան մի՛ աւելցներ,

Որպէս զի քեզ չյանդիմանէ ու դուն ստախօս երեւնաս։

ԱՌԱԿՆԵՐ

 Քեզմէ երկու բան կը խնդրեմ։

Մեռնելէս առաջ զանոնք մի՛ մերժեր։

 Ունայնութիւնը եւ սուտ խօսքը ինձմէ հեռացո՛ւր,

Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։

Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ,

 Որպէս զի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ

Ու «Տէրը ո՞վ է», ըսեմ։

Եւ չըլլայ թէ աղքատանամ ու գողութիւն ընեմ

Եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ։

10 Ծառան իր տիրոջ առջեւ մի՛ յանդիմաներ,

Որպէս զի քեզ չանիծէ եւ դուն յանցաւոր ըլլաս։

11 Կան անձեր, որոնք իրենց հայրը կ’անիծեն

Եւ մայրը չեն օրհներ։

12 Կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են,

Սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն։

13 Մարդ կայ, որուն աչքերը խիստ ամբարտաւան են

Ու անոր արտեւանունքները բարձրացած են։

14 Մարդ կայ, որուն ակռաները սուրերու պէս են

Եւ անոր ժանիքները դանակներու պէս են,

Աղքատները երկրի վրայէն

Ու տնանկները մարդոց մէջէն ուտելու համար։

15 Տզրուկը երկու աղջիկ ունի։

«Տո՛ւր, տո՛ւր», կ’ըսեն։

Այս երեքը չեն կշտանար

Ու չորս բան կայ, որոնք «Հերիք է», չեն ըսեր.

16 Գերեզմանը, ամուլ արգանդը,

Երկիրը, որ ջրով չի կշտանար

Ու կրակը, որ «Հերիք է», չ’ըսեր։

17 Այն աչքը, որ իր հայրը կը ծաղրէ

Եւ իր մօրը հնազանդիլը կ’անարգէ,

Ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն

Ու արծիւներուն ձագերը պիտի ուտեն զանիկա։

18 Այս երեք բաները ինծի զարմանալի կ’երեւնան

Եւ չորս բան կայ, որոնք չեմ հասկնար։

19 Օդին մէջ՝ արծիւին ճամբան,

Ապառաժին վրայ՝ օձին ճամբան,

Ծովուն մէջ՝ նաւուն ճամբան

Ու աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան։

20 Շնացող կնոջ ճամբան ալ այնպէս է։

Կ’ուտէ ու բերանը կը սրբէ

Եւ «Չարութիւն չըրի», կ’ըսէ։

21 Երեք բանի համար երկիրը կը դողայ

Ու չորս բան կայ, որոնք չի կրնար տանիլ։

22 Ծառան՝ երբ թագաւորէ,

Յիմարը՝ երբ հացով կշտանայ,

23 Ատելի կինը՝ երբ կարգուի

Եւ աղախինը, երբ իր տիկնոջ ժառանգորդ ըլլայ։

24 Երկրի վրայ չորս բան կայ, որոնք պզտիկ են,

Բայց անոնք շատ խելացի են։

25 Մրջիւնները զօրաւոր ժողովուրդ մը չեն,

Բայց իրենց կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստեն։

26 Ճագարները տկար ժողովուրդ մըն են,

Բայց իրենց տուները վէմերու վրայ կը շինեն։

27 Մարախները թագաւոր չունին,

Սակայն ամէնքը գունդ գունդ դուրս կ’ելլեն։

28 Մողէսը իր ձեռքերովը պատերուն կը փակչի

Ու թագաւորներու պալատներուն մէջ կը գտնուի։

29 Աղէկ քալող երեք բան կայ եւ չորս բան կայ,

Որոնք գեղեցիկ քալուածք ունին։

30 Առիւծը, որ բոլոր անասուններէն զօրաւոր է

Ու բնաւ մէկուն երեսէն ետ չի դառնար։

31 Մէջքը կապած ձին ու նոխազը

Եւ թագաւորը, որուն ժողովուրդը իրեն հետ է։

32 Եթէ բարձրանալով յիմարութիւն ըրիր,

Կամ չարութիւն մը մտածեցիր,

Ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր։

33 Վասն զի եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի կ’ելլէ,

Եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ’ելլէ,

Նոյնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռիւ կ’ելլէ։

ՊԱՏԳԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ

31 1 Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը,

Այսինքն պատգամը, որ անոր մայրը իրեն սորվեցուց.

Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որդեակ իմ,

Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որովայնիս որդին,

Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին։

 Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար,

Ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն։

Ո՛վ Լեմուէլ, թագաւորներուն չի վայլեր,

Գինի խմել թագաւորներուն չի վայլեր

Եւ օղի խմել իշխաններուն չի վայլեր.

 Չըլլայ որ խմեն ու օրէնքը մոռնան

Եւ տառապեալներէն մէկուն դատը ծռեն։

 Օղին կորսուելու վրայ եղողին

Ու գինին դառնահոգիներուն տուէք,

 Որպէս զի անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնան

Եւ իրենց նեղութիւնը անգամ մըն ալ չյիշեն։

 Բաց քու բերանդ համր մարդուն համար

Ու բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար։

 Բաց քու բերանդ եւ արդարութեամբ դատէ

Եւ աղքատին ու տնանկին դատը տես։

ԿԱՐՈՂ ԿԻՆԸ

10 Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։

Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։

11 Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է

Ու աւարի կարօտ չ’ըլլար։

12 Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ

Անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք։

13 Բուրդ ու քթան կը փնտռէ

Եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ։

14 Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի։

Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։

15 Անիկա գիշերով կ’ելլէ ու տանը մարդոցը՝ կերակուր

Եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ։

16 Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ։

Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։

17 Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ

Ու իր բազուկները կը զօրացնէ։

18 Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ։

Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։

19 Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէ

Ու ափովը րոքը կը բռնէ։

20 Ձեռքը աղքատին կը բանայ

Ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ’երկնցնէ։

21 Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար.

Քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են։

22 Իրեն ծածկոցներ կը շինէ։

Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է։

23 Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ,

Երբ երկրին ծերերուն հետ նստի։

24 Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ

Եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։

25 Զօրութիւն ու փառք կը հագնի

Ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։

26 Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ

Եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ։

27 Իր տանը ճամբաները կը քննէ

Եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։

28 Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։

Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով.

29 «Շատ աղջիկներ առաքինի եղան,

Բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»։

30 Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է,

Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։

31 Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն

Ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա։