ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԴԱՆԻԷԼԻ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԴԱՆԻԷԼԻ

ԴԱՆԻԷԼԻ ԵՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

(1։1–6։28)

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

1 1 Յուդայի թագաւորին Յովակիմին թագաւորութեան երրորդ տարին Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։ Տէրը անոր ձեռքը տուաւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորը ու Աստուծոյ տանը անօթներուն մէկ մասը։ Անիկա զանոնք Սենաար երկիրը, իր աստուծոյն տունը տարաւ ու անօթները իր աստուծոյն գանձատունը դրաւ։

Թագաւորը իր ներքինապետին Ասփանէզին ըսաւ որ Իսրայէլի որդիներէն ու թագաւորական սերունդէն եւ իշխաններէն ‘Բնաւ արատ չունեցող, գեղեցիկ դէմքով ու ամէն իմաստութեան հմուտ ու գիտութեան տեղեակ, հանճարեղ եւ թագաւորին պալատին մէջ կայնելու կարողութիւն ունեցող տղաքներ բերէ եւ անոնց՝ Քաղդէացիներու գիրն ու լեզուն սորվեցնէ’։ Թագաւորը անոնց օրական ռոճիկ սահմանեց՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրէն ու իր խմած գինիէն, որպէս զի անոնք երեք տարի սնանին ու ետքը թագաւորին առջեւ կայնին։ Անոնց մէջ էին Յուդայի որդիներէն Դանիէլ, Անանիա, Միսայէլ ու Ազարիա։ Ներքինապետը անոնց անուններ դրաւ. Դանիէլին՝ Բաղտասասար, Անանիային՝ Սեդրաք, Միսայէլին՝ Միսաք ու Ազարիային՝ Աբեդնագով։

Դանիէլ որոշեց որ թագաւորին ազնիւ կերակուրովն ու անոր խմած գինիովը չպղծուի, ուստի ներքինապետէն թոյլտուութիւն խնդրեց, որ ասոնցմով ինքզինք չպղծէ։ Աստուած ներքինապետին առջեւ շնորհք ու գթութիւն գտնել տուաւ Դանիէլին։ 10 Ներքինապետը Դանիէլին ըսաւ. «Ես կը վախնամ իմ թագաւոր տիրոջմէս, որ ձեր ուտելիքն ու խմելիքը սահմանեց. վասն զի ինչո՞ւ համար անիկա ձեր երեսները աւելի տկար տեսնէ քան ձեզի հասակակից եղող միւս տղաքներուն երեսները։ Ասով թագաւորին առջեւ գլուխս պիտի վտանգէք»։ 11 Դանիէլ ըսաւ տնտեսին, որ ներքինապետը Դանիէլին, Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային վրայ դրեր էր. 12 «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներդ տասը օր փորձէ՛ ու մեզի ուտելու համար ընդեղէն ու խմելու համար ջուր տուր։ 13 Դուն մեր դէմքը ու թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող տղոց դէմքը քննէ՛ եւ ինչպէս տեսնես՝ անոր համեմատ ըրէ քու ծառաներուդ»։ 14 Անիկա ասոր համաձայնեցաւ ու զանոնք տասը օր փորձեց։ 15 Տասը օր ետքը անոնց դէմքը՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող բոլոր տղաքներուն դէմքէն աւելի աղէկ ու գէր երեւցաւ։ 16 Ուստի տնտեսը անոնց ազնիւ կերակուրը ու խմելու գինին կը վերցնէր ու անոնց ընդեղէն կու տար։

17 Աստուած այս չորս տղաքներուն՝ ամէն դպրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն ու հանճար տուաւ։ Դանիէլ ամէն տեսիլք ու երազ կը հասկնար։ 18 Որոշուած օրերը լմննալէն ետքը, թագաւորը հրաման ըրեր էր, որ զանոնք իրեն տանին։ Ներքինապետը զանոնք Նաբուգոդոնոսորին առջեւ տարաւ։ 19 Թագաւորը անոնց հետ խօսեցաւ եւ Դանիէլին, Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային պէս մէկը չգտնուեցաւ անոնց ամենուն մէջ։ Անոնք թագաւորին առջեւ կը կայնէին։ 20 Թագաւորը՝ անոնց հարցուցած իմաստութեան ու գիտութեան վերաբերեալ բոլոր բաներուն մէջ՝ զանոնք իր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր մոգերէն ու հմայողներէն տասնապատիկ գերազանց գտաւ։ 21 Դանիէլ մինչեւ Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին մնաց։

ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻՆ ԵՐԱԶԸ

2 1 Նաբուգոդոնոսոր իր թագաւորութեան երկրորդ տարին երազներ տեսաւ եւ անոր հոգին խռովեցաւ ու քունը փախաւ։ Եւ թագաւորը հրամայեց որ մոգերը, հմայողները, կախարդներն ու Քաղդեանները կանչեն, որպէս զի թագաւորին պատմեն իր երազները։ Անոնք եկան ու թագաւորին առջեւ կայնեցան։

Թագաւորը անոնց ըսաւ. «Երազ տեսայ ու իմ հոգիս խռովեցաւ։ Կ’ուզեմ այն երազը գիտնալ»։ Ու Քաղդեանները թագաւորին Ասորերէն ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. ըսէ՛ երազը քու ծառաներուդ ու մենք անոր մեկնութիւնը իմացնենք»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ Քաղդեաններուն ու ըսաւ. «Բանը ինձմէ հեռացաւ։ Եթէ երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի չյայտնէք, դուք կտոր կտոր պիտի ըլլաք ու ձեր տուները աղբանոց պիտի ըլլան։ Բայց եթէ երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի իմացնէք, ինձմէ պարգեւներ, վարձատրութիւններ ու շատ պատիւ պիտի առնէք։ Ուրեմն երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի իմացուցէք»։ Անոնք նորէն պատասխան տուին ու ըսին. «Թագաւորը թող ըսէ՛ երազը իր ծառաներուն ու անոր մեկնութիւնը իմացնենք»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ գիտեմ որ դուք ժամավաճառ կ’ուզէք ըլլալ, վասն զի կը տեսնէք թէ բանը ինձմէ ելած է։ Բայց եթէ դուք երազը ինծի չյայտնէք, ձեզի համար մէկ վճիռ կայ, վասն զի դուք ձեր մէջ որոշեցիք, որ իմ առջեւս սուտ ու ապականեալ խօսք մը ըսէք՝ մինչեւ որ ժամանակը փոխուի։ Ուստի ըսէք ինծի երազը, որպէս զի գիտնամ թէ պիտի կարենաք անոր մեկնութիւնը իմացնել»։ 10 Քաղդեանները թագաւորին առջեւ պատասխան տուին ու ըսին. «Երկրի վրայ այնպիսի մարդ մը չկայ, որ կարող ըլլայ թագաւորին պահանջած բանը իմացնել. անոր համար ոեւէ թագաւոր, նախարար կամ իշխան այսպիսի բան պահանջած չէ մոգէ մը կամ հմայողէ մը կամ Քաղդեայէ մը։ 11 Թագաւորին պահանջած բանը դժուար է։ Ոեւէ մէկը չկայ, որ զանիկա թագաւորին իմացնէ, բայց միայն աստուածները, որոնք մսեղէն մարմնի մէջ չեն բնակիր»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԴԱՆԻԷԼԻՆ ԿԸ ՑՈՒՑՆԷ ԵՐԱԶՆ ՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

12 Ասոր վրայ թագաւորը սրդողեցաւ ու խիստ բարկացաւ եւ հրամայեց, որ Բաբելոնի իմաստունները կոտորեն։ 13 Հրամանը ելաւ եւ իմաստունները պիտի կոտորուէին. ուստի փնտռեցին Դանիէլն ու անոր ընկերները, որպէս զի մեռցնեն։ 14 Այն ատեն Դանիէլ իմաստութեամբ ու խոհեմութեամբ խօսեցաւ թագաւորին դահճապետին Արիովքին հետ, որ Բաբելոնի իմաստունները կոտորելու ելեր էր։ 15 Թագաւորին իշխանին Արիովքին ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այս դաժան հրամանը թագաւորէն տրուեցաւ»։ Այն ատեն Արիովք խնդիրը Դանիէլին յայտնեց։ 16 Դանիէլ մտաւ ու թագաւորէն խնդրեց, որ իրեն ժամանակ տայ, որպէս զի մեկնութիւնը թագաւորին իմացնէ։ 17 Դանիէլ իր տունը գնաց եւ այս բանը իր ընկերներուն՝ Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային յայտնեց։ 18 Որպէս զի այս գաղտնիքին համար երկնքի Աստուծոյ գիտութիւնը խնդրեն, որպէս զի Դանիէլն ու անոր ընկերները Բաբելոնի միւս իմաստուններուն հետ չկոտորուին։

19 Գաղտնիքը գիշերուան տեսիլքին մէջ Դանիէլին յայտնուեցաւ։ Այն ատեն Դանիէլ երկնքի Աստուածը օրհնեց։ 20 Դանիէլ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աստուծոյ անունը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ըլլայ, վասն զի իմաստութիւնն ու զօրութիւնը անորն են։ 21 Ատեններն ու ժամանակները փոխողը, թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը անիկա է. անիկա իմաստուններուն իմաստութիւն կու տայ ու հանճարեղներուն՝ գիտութիւն. 22 Խորունկ ու ծածկուած բաները ինք կը յայտնէ, մութի մէջ եղածը գիտէ ու լոյսը անոր քով կը բնակի։ 23 Ես քեզի գոհութիւն ու փառք կը մատուցանեմ, ո՛վ իմ հայրերուս Աստուածը, որ ինծի իմաստութիւն ու զօրութիւն տուիր ու հիմա ինծի գիտցուցիր ինչ որ քեզմէ խնդրեցինք, քանզի թագաւորին բանը մեզի գիտցուցիր»։

ԴԱՆԻԷԼ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԵՐԱԶԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԵՒ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

24 Ուստի Դանիէլ Արիովքին առջեւ ելաւ, որ թագաւորը որոշեր էր Բաբելոնի իմաստունները կորսնցնելու. գնաց ու անոր այսպէս ըսաւ. «Բաբելոնի իմաստունները մի՛ կորսնցներ, զիս թագաւորին առջեւ տար, որ մեկնութիւնը թագաւորին իմացնեմ»։ 25 Այն ատեն Արիովք արտորնօք Դանիէլը թագաւորին առջեւ հանեց ու անոր այսպէս ըսաւ. «Հրէաստանի գերիներէն մարդ մը գտայ, որ մեկնութիւնը պիտի գիտցնէ թագաւորին»։ 26 Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ Դանիէլին, որուն անունը Բաղտասասար դրուած էր. «Կարո՞ղ ես դուն իմ տեսած երազս ու անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել»։

27 Դանիէլ թագաւորին առջեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Թագաւորին հարցուցած գաղտնիքը իմաստունները, հմայողները, մոգերը ու բաղդ նայողները թագաւորին յայտնելու կարող չեղան։ 28 Բայց երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ, որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը յայտնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ։ Երազդ ու անկողնիդ մէջ գլխուդ տեսիլքը ասիկա է. 29 Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, քու անկողնիդ մէջ կը մտածէիր թէ ասկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Գաղտնիքները յայտնողը՝ ըլլալիքը քեզի գիտցուց։ 30 Այս գաղտնիքը՝ ոչ թէ ամէն ապրողներէն աւելի իմաստութիւն ունենալուս համար ինծի յայտնուեցաւ, հապա մեկնութիւնը թագաւորին գիտցնելու համար, որպէս զի դուն քու սրտիդ խորհուրդները գիտնաս»։

31 «Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, կը տեսնէիր մեծ արձան մը։ Այս մեծ ու խիստ պայծառ արձանը քու դիմացդ կայներ էր։ Անոր երեւոյթը ահաւոր էր։ 32 Այս արձանին գլուխը՝ զուտ ոսկիէ, անոր կուրծքն ու թեւերը՝ արծաթէ, մէջքն ու ազդրերը՝ պղնձէ, 33 Սրունքները՝ երկաթէ ու ոտքերուն մէկ մասը կաւէ էր։ 34 Դուն կը նայէիր, երբ քար մը գլորուեցաւ առանց ձեռքի ու այն արձանին երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն զարկաւ ու զանոնք փշրեց։ 35 Այն ատեն երկաթը, կաւը, պղինձը, արծաթն ու ոսկին մէկտեղ փշրուեցան եւ ամառուան կալերուն մղեղին պէս եղան ու հովը զանոնք տարաւ ու անոնք ամենեւին տեղ մը չգտնուեցան, բայց արձանին զարնող քարը մեծ լեռ մը եղաւ ու բոլոր երկիրը լեցուց։ 36 Երազը այս է ու հիմա անոր մեկնութիւնը ըսենք»։

37 «Ո՛վ թագաւոր, դուն թագաւորներու թագաւոր ես, վասն զի երկնքի Աստուածը քեզի թագաւորութիւն, կարողութիւն, զօրութիւն ու պատիւ տուեր է։ 38 Մարդոց որդիներուն բոլոր բնակած տեղերուն մէջ՝ դաշտի գազաններն ու երկնքի թռչունները քու ձեռքդ տուեր է եւ անոնց ամենուն վրայ քեզ իշխան դրեր է։ Այն ոսկի գլուխը դո՛ւն ես։ 39 Քեզմէ ետքը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի ելլէ քեզմէ ցած ու պղինձէ ուրիշ երրորդ թագաւորութիւն մը, որ բոլոր երկրին պիտի տիրէ 40 Եւ չորրորդ թագաւորութիւնը երկաթի պէս ամուր պիտի ըլլայ ու ինչպէս երկաթը ամէն բան կը փշրէ ու կը մանրէ, անիկա ալ՝ այս ամէն բաները կոտրող երկաթին պէս փշրելով պիտի կոտրէ։ 41 Որովհետեւ ոտքերուն ու մատներուն մէկ մասը կաւէ ու մէկ մասը երկաթէ տեսար, այն թագաւորութիւնը պիտի բաժնուի, բայց երկաթի պնդութենէ բաժին պիտի ունենայ, քանզի երկաթը տղմուտ կաւի հետ խառնուած տեսար։ 42 Ոտքերուն մատներուն մէկ մասը երկաթէ ու մէկ մասը կաւէ ըլլալը կը ցուցնէ թէ այն թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ։ 43 Տղմուտ կաւին հետ երկաթը խառնուած տեսնելդ կը ցուցնէ թէ անոնք մարդոց սերունդին հետ պիտի խառնուին, բայց անոնք իրարու պիտի չփակչին, ինչպէս երկաթը կաւին հետ չի փակչիր»։

44 «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ։ 45 Դուն առանց ձեռքի լեռնէն կտրած քար մը տեսար եւ անիկա երկաթը, պղինձը, կաւը, արծաթն ու ոսկին փշրեց։ Մեծ Աստուածը ասկէ ետքը ինչ ըլլալիքը թագաւորին գիտցուց ու երազը ճշմարիտ է եւ անոր մեկնութիւնը՝ վստահելի»։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՎԱՐՁԱՏՐԷ ԴԱՆԻԷԼԸ

46 Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր երեսին վրայ ինկաւ ու Դանիէլին երկրպագութիւն ըրաւ եւ հրամայեց որ ընծայ ու անոյշ հոտեր մատուցանեն անոր։ 47 Թագաւորը Դանիէլին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իրաւցնէ ձեր Աստուածը ինքն է աստուածներուն Աստուածը եւ թագաւորներուն՝ Տէրը ու գաղտնիքները յայտնողը, քանզի դուն կարող եղար այս գաղտնիքը յայտնել»։ 48 Այն ատեն թագաւորը մեծցուց Դանիէլը ու անոր շատ ու մեծ պարգեւներ տուաւ։ Զանիկա Բաբելոնի բոլոր գաւառներուն վրայ կառավարիչ ու Բաբելոնի բոլոր իմաստուններուն գլխաւորներուն վրայ իշխան դրաւ։ 49 Դանիէլ թագաւորէն խնդրեց ու Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը դրաւ։ Դանիէլ թագաւորին դուռը կը մնար։

ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ ՈՍԿԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ԵՐԿՐՊԱԳԵԼ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ

3 1 Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ոսկիէ արձան մը շինեց, անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն ու լայնութիւնը վեց կանգուն։ Զանիկա Բաբելոնի գաւառը, Դուրա դաշտին մէջ կանգնեցուց։ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հրամայեց, որ կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները հաւաքեն, որպէս զի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին գան։ Այն ատեն կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին եկան ու Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած արձանին առջեւ կայնեցան։

Մունետիկը բարձրաձայն կը կանչէր. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ազգեր ու լեզուներ, ձեզի կ’ըսուի. ‘Երբ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններու ձայնը լսէք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին առջեւ պիտի իյնաք ու երկրպագութիւն ընէք’։ Ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, նոյն ժամուն բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուի»։ Ուստի երբ բոլոր ժողովուրդները փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսեցին, բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները ինկան եւ Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին երկրպագութիւն ըրին։

ԴԱՆԻԷԼԻՆ ԵՐԵՔ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐՈՒԻՆ

Այն ատեն քանի մը Քաղդէացի մարդիկ մօտեցան ու Հրեաներուն վրայով ամբաստանութիւն ըրին Եւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. 10 Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, հրաման ըրիր որ ամէն մարդ որ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին եւ ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսէ, իյնայ ու ոսկի արձանին երկրպագութիւն ընէ 11 Եւ ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետուի։ 12 Քանի մը Հրեայ մարդիկ կան, որոնք դուն Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ դրիր, այսինքն Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը, այս մարդիկը քեզ բանի տեղ չեն դներ, ո՛վ թագաւոր. քու աստուածներդ չեն պաշտեր եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն չեն ըներ»։

13 Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր սրտմտութեամբ եւ բարկութեամբ հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը բերեն, ուստի զանոնք թագաւորին առջեւ բերին։ 14 Նաբուգոդոնոսոր անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, խորհրդո՞վ է որ իմ աստուածներս չէք պաշտեր եւ իմ ոսկի արձանիս երկրպագութիւն չէք ըներ։ 15 Հիմա եթէ պատրաստ էք փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսած ատեննիդ իյնալ ու իմ շինած արձանիս երկրպագութիւն ընել, աղէկ. բայց եթէ երկրպագութիւն չընէք, նոյն ժամուն՝ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուիք եւ ո՜վ է այն Աստուածը, որ ձեզ իմ ձեռքէս պիտի ազատէ»։

16 Պատասխան տուին Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր, այս բանին վրայով քեզի պատասխան տալու հարկաւորութիւն չունինք։ 17 Ահա մեր պաշտած Աստուածը մեզ բորբոքած կրակի հնոցէն ազատելու կարող է. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։ 18 Բայց քեզի յայտնի ըլլայ, ո՛վ թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք»։

ԴԱՆԻԷԼԻՆ ԵՐԵՔ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՆ

19 Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բարկութեամբ լեցուեցաւ ու անոր երեսին երեւոյթը փոխուեցաւ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին վրայ եւ հրամայեց որ հնոցը սովորականէն եօթնապատիկ աւելի վառեն 20 Ու իր զօրքին մէջ եղող զօրաւոր մարդոցը հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը կապեն ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեն։ 21 Այն ատեն այս մարդիկը իրենց անդրավարտիքներովը, բաճկոններովը, վերարկուներովն ու բոլոր հանդերձներովը կապեցին ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեցին։ 22 Թագաւորին հրամանը ստիպողական ըլլալուն ու հնոցին շատ տաք ըլլալուն համար Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը վերցնող մարդիկը կրակին բոցէն սպաննուեցան։ 23 Բայց այս երեք մարդիկը՝ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը՝ կապուած ինկան բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։

ԵՐԵՔ ՄԱՐԴԻԿԸ Կ’ԱԶԱՏՈՒԻՆ ՈՒ ԿԸ ՄԵԾԱՐՈՒԻՆ

24 Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ապշած՝ արտորնօք ոտքի ելաւ, իր խորհրդականներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Մենք կրակին մէջ երեք կապուած մարդ չնետեցի՞նք»։ Անոնք պատասխան տուին ու թագաւորին ըսին. «Այո՛, ո՛վ թագաւոր»։ 25 Թագաւորը ըսաւ. «Ահա ես կրակին մէջ չորս արձակուած մարդ կը տեսնեմ, որ կը քալեն։ Անոնք ամենեւին վնաս մը չեն քաշեր։ Չորրորդին դէմքը աստուածներու որդիի մը կը նմանի»։ 26 Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բորբոքած կրակի հնոցին դրանը մօտենալով՝ ըսաւ. «Ո՜վ Բարձրեալ Աստուծոյն ծառաները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, դո՛ւրս ելէք ու հոս եկէ՛ք»։ Այն ատեն Սեդրաքը, Միսաքը եւ Աբեդնագովը կրակին մէջէն ելան։ 27 Կուսակալները, նախարարները, կառավարիչներն ու թագաւորին խորհրդականները հաւաքուեցան եւ տեսան այս մարդիկը, որոնց մարմիններուն վրայ կրակը ամենեւին ազդած չէր ու անոնց գլխուն մէկ մազը խանձած չէր ու անոնց անդրավարտիքները գոյներնին նետած չէին, անոնց վրայ կրակին հոտն անգամ չկար։

28 Նաբուգոդոնոսոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուածը, որ իր հրեշտակը ղրկեց ու իր ծառաները ազատեց. վասն զի անոր ապաւինելով՝ թագաւորին խօսքը անարգեցին ու իրենց մարմինները կրակի տուին, որպէս զի իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ Աստուծոյ մը ծառայութիւն ու երկրպագութիւն չընեն։ 29 Արդ՝ ես կը հրամայեմ որ ոեւէ ժողովուրդ, ազգ ու լեզու, որ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուծոյն դէմ սխալ բան մը ըսէ, կտոր կտոր ըլլայ ու անոր տունը աղբանոց ըլլայ. վասն զի ուրիշ Աստուած չկայ, որ կարող ըլլար այսպէս ազատել»։ 30 Այն ատեն թագաւորը աւելի մեծցուց Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը Բաբելոնի գաւառին մէջ։

ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԱԶԸ

4 1 Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ բոլոր երկրին վրայ բնակող բոլոր ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն՝ «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ։ Ինծի հաճոյ երեւցաւ, որ Բարձրեալ Աստուծոյն ինծի ըրած նշաններն ու հրաշքները ձեզի յայտնեմ։ Անոր նշանները որքա՜ն մեծ ու հրաշքները որքա՜ն զօրաւոր են. անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է ու անոր իշխանութիւնը դարէ դար կը մնայ»։

«Ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ երբ իմ տանս մէջ հանգիստ էի ու պալատիս մէջ կը զուարճանայի, Երազ մը տեսայ, որ զիս վախցուց եւ անկողնիս վրայ իմ խորհուրդներս ու իմ գլխուս տեսիլքները զիս խռովեցուցին։ Ուստի Բաբելոնի բոլոր իմաստունները իմ առջեւս բերելու հրաման ըրի, որպէս զի անոնք ինծի երազին մեկնութիւնը գիտցնեն։ Այն ատեն մոգերը, հմայողները, Քաղդեաններն ու բաղդ նայողները եկան ու ես երազը անոնց առջեւ ըսի, բայց անոնք չկրցան մեկնութիւնը ինծի գիտցնել։ Վերջապէս Դանիէլը առջեւս եկաւ, որուն անունը իմ աստուծոյս անուանը համեմատ Բաղտասասար կը կոչուի եւ որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Անոր առջեւ երազը պատմեցի ու ըսի. ‘Ո՛վ մոգերուն իշխանը Բաղտասասար, որովհետեւ գիտեմ որ քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներու հոգին կայ ու ոեւէ գաղտնիքը լուծելը քեզի դժուար չէ։ Երազս պատմեմ, լսէ՛ եւ զայն մեկնէ՛։

10 «Իմ անկողնիս մէջ գլխուս տեսիլքները ասոնք էին։ Ես կը տեսնէի, որ երկրի մէջ ծառ մը կար։ Ան շատ բարձր էր։ 11 Այն ծառը մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի ծայրերէն կը տեսնուէր։ 12 Անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր։ Անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար։ Դաշտի անասունները անոր շուքին տակ կը նստէին ու երկնքի թռչունները անոր ոստերուն վրայ կը բնակէին։ Ամէն մարմին անկէ կը կերակրուէր։ 13 Երազիս մէջ տեսայ, որ երկնքէն սուրբ պահապան մը իջաւ։ 14 Անիկա ուժով կանչեց ու այսպէս ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք, ոստերը մէկդի հանեցէ՛ք. տերեւները թօթափեցէ՛ք ու պտուղները ցրուեցէ՛ք։ Անոր տակէն անասունները ու ոստերէն թռչունները թող փախչին. 15 Բայց արմատները երկրին մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ եւ պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թող թրջուի եւ անոր բաժինը անասուններու հետ երկրի խոտին մէջ թող ըլլայ։ 16 Անոր միտքը մարդու մտքէն թող փոխուի ու անոր անասունի միտք թող տրուի։ Անոր վրայէն եօթը ժամանակ թող անցնի։ 17 Այս վճիռը՝ պահապաններուն հրամանովն է ու այս որոշումը՝ սուրբերուն խօսքովն է. որպէս զի ապրողները գիտնան թէ Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ ու անոր վրայ մարդոց անարգը կը դնէ»։ 18 «Ես՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորս՝ այս երազը տեսայ ու դո՛ւն, ով Բաղտասասար, անոր մեկնութիւնը ըսէ՛, վասն զի իմ թագաւորութեանս բոլոր իմաստունները կարող չեղան անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել. բայց դուն կարող ես, քանզի քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներուն հոգին կայ»։

ԴԱՆԻԷԼ ԵՐԱԶԸ ԿԸ ՄԵԿՆԷ

19 Այն ատեն Դանիէլ, որուն անունը Բաղտասասար էր, մէկ ժամու չափ ահաբեկած մնաց ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին։ Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Բաղտասասար, երազը կամ անոր մեկնութիւնը թող քեզ չխռովեցնէ»։ Պատասխան տուաւ Բաղտասասարն ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, երազը՝ քեզ ատողներուն ու անոր մեկնութիւնը քու թշնամիներուդ ըլլայ։ 20 Այն ծառը, որ մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի մէջ կը տեսնուէր 21 Եւ անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր ու անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար, անոր տակ դաշտի անասունները կը բնակէին ու անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները կը կենային, 22 Անիկա դո՛ւն ես, ո՛վ թագաւոր, որ մեծցար եւ ուժովցար եւ քու մեծութիւնդ բարձրացաւ ու մինչեւ երկինք հասաւ եւ քու իշխանութիւնդ մինչեւ երկրի ծայրերը հասաւ։ 23 Թագաւորը սուրբ պահապան մը տեսաւ, որ երկնքէն իջաւ ու ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք ու զանիկա տապալեցէ՛ք, բայց անոր արմատներն ու կոճղը երկրի մէջ թողուցէ՛ք եւ երկաթէ ու պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղով թրջուի եւ անոր բաժինը դաշտի անասուններուն հետ թող ըլլայ, մինչեւ անոր վրայէն եօթը ժամանակ անցնի’. 24 Այս է մեկնութիւնը, ո՛վ թագաւոր, այս է Բարձրեալին վճիռը, որ իմ թագաւոր տիրոջս վրայ հասած է։ 25 Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ ու քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու երկնքի ցօղովը թրջուիս եւ քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ։ 26 Բայց երբ ըսուեցաւ թէ ‘Այն ծառին արմատները թող մնան’, կը նշանակէ թէ երկնաւոր իշխանութիւնը ճանչնալէդ ետքը՝ քու թագաւորութիւնդ պիտի վերահաստատուի։ 27 Անոր համար, ո՛վ թագաւոր, թող իմ թելադրութիւնս քեզի հաճելի երեւնայ, քու մեղքերդ արդարութեամբ ու քու անօրէնութիւններդ աղքատներուն ողորմելով մէկդի ձգէ. թերեւս հանգստութիւնդ երկարի»։

28 Այս բոլորը Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պատահեցաւ։ 29 Տասներկու ամիսէն, երբ Բաբելոնի թագաւորութեան պալատին վրայ կը ճեմէր, 30 Թագաւորը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի»։ 31 Երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր, երկնքէն ձայն մը իջաւ. «Քեզի՛ կ’ըսուի, ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր, թագաւորութիւնը քեզմէ գնաց։ 32 Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ, քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ»։ 33 Նոյն ժամուն ըսուածը կատարուեցաւ ու Նաբուգոդոնոսոր մարդոց մէջէն վռնտուեցաւ ու արջառներու պէս խոտ կ’ուտէր եւ անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ մազերը արծիւներու փետուրներու պէս ու եղունգները թռչուններու մագիլներու պէս երկնցան։

ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ ՏԷՐԸ ԿԸ ՓԱՌԱԲԱՆԷ

34 «Այդ օրերը լրանալէ վերջը, ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ աչքերս երկինք վերցուցի ու խելքս ինծի դարձաւ եւ Բարձրեալը օրհնեցի ու գովեցի ու փառաւորեցի զանիկա, որ յաւիտեան կենդանի է ու անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է եւ անոր թագաւորութիւնը դարէ դար կը մնայ։ 35 Երկրի բոլոր բնակիչները ոչինչի պէս կը սեպուին եւ անիկա երկնքի զօրքերուն մէջ ու երկրի բնակիչներուն մէջ իր ուզածը կ’ընէ ու անոր ձեռքին դէմ դնող, կամ անոր ‘Ի՞նչ կ’ընես’ ըսող չկայ։ 36 Այն ատեն խելքս ինծի դարձաւ ու իմ թագաւորութեանս պատիւին հետ իմ փառքս ու վայելչութիւնս ինծի դարձան եւ իմ խորհրդականներս ու մեծամեծներս զիս փնտռեցին ու իմ թագաւորութեանս մէջ հաստատուեցայ եւ ինծի աւելի մեծ վեհափառութիւն տրուեցաւ»։

37 «Հիմա ես՝ Նաբուգոդոնոսորս երկնքի թագաւորը կը գովեմ եւ կը բարձրացնեմ ու կը փառաւորեմ, վասն զի անոր բոլոր գործերը ճշմարիտ են ու ճամբաները արդար են ու անիկա կարող է ամբարտաւանութեամբ քալողները ցածցնել»։

ԲԱՂՏԱՍԱՐԻ ԿՈՉՈՒՆՔԸ

5 1 Բաղտասար թագաւորը իր մեծամեծներէն հազար հոգիի մեծ կոչունք տուաւ ու հազարին առջեւ գինի խմեց։ Երբ Բաղտասար գինիէն զուարթացաւ, հրամայեց որ իր հօրը Նաբուգոդոնոսորին Երուսաղէմի տաճարէն հանած ոսկիէ ու արծաթէ անօթները բերեն, որպէս զի թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեն։ Ուստի Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը տաճարէն հանուած ոսկի անօթները բերին եւ թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեցին։ Անոնք գինի խմեցին ու ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ աստուածները գովեցին։

Նոյն ժամուն մարդու ձեռքի մատներ ելան ու աշտանակին դէմ, թագաւորական պալատին պատին ծեփին վրայ գրեցին եւ թագաւորը այն գրող ձեռքին թաթը տեսաւ։ Այն ատեն թագաւորին գոյնը փոխուեցաւ ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին, այնպէս որ մէջքին յօդուածները կը քակուէին ու ծունկերը իրարու կը զարնուէին։ Թագաւորը բարձրաձայն աղաղակեց որ հմայողները, Քաղդեանները ու բաղդ նայողները գան։ Թագաւորը Բաբելոնի իմաստուններուն ըսաւ. «Ո՛վ որ այս գիրը կարդայ ու մեկնութիւնը ինծի իմացնէ, ծիրանի պիտի հագնի ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ պիտի դրուի եւ թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլայ»։ Ուստի թագաւորին բոլոր իմաստունները եկան, բայց չկրցան կարդալ ու անոր մեկնութիւնը թագաւորին իմացնել։ Այն ատեն Բաղտասար թագաւորը սաստիկ խռովեցաւ ու երեսին գոյնը փոխուեցաւ։ Անոր մեծամեծներն ալ սարսափեցան։ 10 Թագուհին թագաւորին ու անոր մեծամեծներուն խօսքերը իմանալով՝ կոչունքին պալատը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. քու խորհուրդներդ քեզ չխռովեցնեն ու երեսիդ գոյնը թող չփոխուի. 11 Քու թագաւորութեանդ մէջ մարդ մը կայ, որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Քու հօրդ օրերը անոր վրայ լոյս, հանճար ու աստուածներուն իմաստութեանը պէս իմաստութիւն տեսնուեցաւ եւ քու հայրդ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զանիկա մոգերուն, հմայողներուն, Քաղդեաններուն ու բաղդ նայողներուն վրայ իշխան դրաւ։ 12 Քանզի այն մարդուն քով, այսինքն Դանիէլին, որուն անունը թագաւորը Բաղտասասար դրաւ, գերազանց հոգի, գիտութիւն ու հանճար կայ երազները մեկնելու, առեղծուածները յայտնելու ու դժուարին խնդիրները լուծելու։ Դանիէլը թող կանչուի ու անիկա մեկնութիւնը պիտի իմացնէ»։

ԴԱՆԻԷԼ ԳՐՈՒԱԾՔԸ ԿԸ ՄԵԿՆԷ

13 Այն ատեն Դանիէլը թագաւորին առջեւ տարուեցաւ։ Թագաւորը խօսեցաւ ու Դանիէլին ըսաւ. «Իմ թագաւոր հօրս Հրէաստանէն բերած Հրէաստանի գերիներէն եղող Դանիէլը դո՞ւն ես, 14 Վասն զի քեզի համար լսեցի թէ քու ներսդ աստուածներու հոգի կայ եւ քու քովդ լոյս, հանճար ու գերազանց իմաստութիւն կը գտնուի։ 15 Հիմա իմ առջեւս իմաստուններ ու հմայողներ բերուեցան, որպէս զի այս գրուածը կարդան ու զայն մեկնեն, բայց անոնք չկրցան այս խօսքը մեկնել։ 16 Ես քեզի համար լսեցի թէ մեկնելու եւ դժուարին խնդիրներ լուծելու կարող ես։ Եթէ դուն այդ գրուածը կարենաս կարդալ եւ զայն մեկնել, ծիրանի պիտի հագնիս եւ քու պարանոցդ ոսկի մանեակ պիտի դրուի ու թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլաս»։

17 Այն ատեն Դանիէլ պատասխան տուաւ ու թագաւորին ըսաւ. «Քու պարգեւներդ քեզի ըլլան ու նուէրներդ ուրիշին տուր. բայց ես այն գրուածը թագաւորին պիտի կարդամ ու մեկնեմ զայն։ 18 Ո՛վ թագաւոր, Բարձրեալն Աստուած քու հօրդ Նաբուգոդոնոսորին թագաւորութիւն ու մեծութիւն եւ պատիւ ու փառք տուաւ. 19 Անոր տուած մեծութենէն բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր երեսէն կը դողային ու կը վախնային։ Անիկա ուզածը կը մեռցնէր եւ ուզածը ողջ կը թողուր։ Անիկա ուզածը կը բարձրացնէր եւ ուզածը կը ցածցնէր։ 20 Բայց, երբ անոր սիրտը հպարտացաւ ու անոր հոգին ամբարտաւանութեամբ լեցուեցաւ, իր թագաւորութեան աթոռէն ինկաւ ու պատիւը անկէ առնուեցաւ։ 21 Անիկա մարդոց որդիներուն մէջէն վռնտուեցաւ ու անոր սիրտը անասուններու պէս եղաւ եւ անոր բնակութիւնը վայրենի էշերու հետ եղաւ։ Արջառներու պէս խոտ կը կերցնէին անոր ու անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ գիտցաւ թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալն Աստուած կը տիրէ ու իր ուզած մարդը անոր վրայ կը դնէ։ 22 Ու դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասար, անոր որդին, քու սիրտդ չխոնարհեցուցիր, թէեւ այս բոլորը գիտէիր, 23 Այլ երկնքի Տէրոջը դէմ քեզ բարձրացուցիր ու անոր տանը անօթները քու առջեւդ բերին եւ դուն ու քու մեծամեծներդ, քու կիներդ ու հարճերդ անոնցմով գինի խմեցիք։ Դուն արծաթէ, ոսկիէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ շինուած աստուածները գովեցիր, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ ալ բան մը գիտեն։ Բայց այն Աստուածը որուն ձեռքն է շունչդ եւ որունն են քու բոլոր ճամբաներդ, չփառաւորեցիր. 24 Անոր համար այն ձեռքի թաթը անոր կողմէ ղրկուեցաւ, որ այս գրուածքը գրեց։ 25 Այսպէս գրուած է. ‘ՄԱՆԷ, ՄԱՆԷ, ԹԵԿԷՂ ՈՒ ՓԱՐՍԻՆ’ 26 Այս խօսքին մեկնութիւնն այս է. ‘Մանէ, Աստուած քու թագաւորութիւնդ համրեց ու զանիկա վերջացուց։ 27 Թեկէղ, կշիռքով կշռուեցար եւ պակաս գտնուեցար։ 28 Փարսին, քու թագաւորութիւնդ բաժնուեցաւ եւ Մարերու ու Պարսիկներու տրուեցաւ’»։

29 Այն ատեն Բաղտասար հրամայեց ու Դանիէլին ծիրանի հագցուցին ու պարանոցը ոսկի մանեակ դրին եւ անոր համար մունետիկ կանչել տուին՝ թէ ‘Թագաւորութեանը երրորդ իշխանը եղաւ’։

30 Նոյն գիշերը Քաղդէացիներու Բաղտասար թագաւորը սպաննուեցաւ։ 31 5։30 Մարերու Դարեհ թագաւորը առաւ թագաւորութիւնը, երբ հազիւ վաթսունըերկու տարեկան էր։

ԴԱՆԻԷԼ ԱՌԻՒԾՆԵՐՈՒ ԳՈՒԲԻՆ ՄԷՋ

6 1 Դարեհի առջեւ հաճոյ երեւցաւ, որ թագաւորութեանը վրայ հարիւր քսան կուսակալներ դնէ, որոնք բոլոր թագաւորութեանը մէջ ըլլան։ Անոնց վրայ երեք հրամանատար կարգեց, որոնցմէ մէկը Դանիէլն էր. որպէս զի կուսակալները ասոնց հաշիւ տան, որպէս զի թագաւորը չվնասուի։ Եւ Դանիէլ միւս հրամանատարներէն եւ կուսակալներէն նախապատիւ էր, վասն զի անոր վրայ գերազանց հոգի կար ու թագաւորը կը մտածէր զանիկա բոլոր թագաւորութեանը վրայ դնել։

Հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորութեանը գործերուն մէջ Դանիէլին դէմ գանգատելու պատճառ մը գտնել կը ջանային, բայց անոնք բնաւ պատճառ մը կամ չարութիւն մը չկրցան գտնել, վասն զի անիկա հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։ Ուստի այս մարդիկը ըսին. «Մենք այս Դանիէլին դէմ ամենեւին գանգատելու պատճառ մը պիտի չգտնենք, մինչեւ որ անոր Աստուծոյն օրէնքին կապուած բան մը գտնենք»։

Այն ատեն հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորին քով հաւաքուեցան ու անոր այսպէս ըսին. «Ո՛վ Դարեհ թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցի՛ր։ Թագաւորութեան բոլոր հրամանատարները, նախարարները, կուսակալները, խորհրդականներն ու կառավարիչները խորհուրդ ըրին, որ թագաւորական հրամանով մը օրէնք մը հաստատուի։ ‘Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի’։ Հիմա, ո՛վ թագաւոր, այս օրէնքը հաստատէ ու հրովարտակը ստորագրէ, որպէս զի Մարերու եւ Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ չփոխուի»։ Ուստի Դարեհ թագաւորը հրովարտակն ու արգելիչ օրէնքը ստորագրեց։

10 Երբ Դանիէլ իմացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ, իր տունը գնաց։ Իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բաց էին։ Օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս։ 11 Ուստի այս մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանիէլը գտան, որ իր Աստուծոյն առջեւ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէր։ 12 Այն ատեն մօտեցան ու թագաւորին առջեւ թագաւորին արգելիչ օրէնքին համար ըսին. «Դուն արգելիչ օրէնք մը չստորագրեցի՞ր, թէ ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այդ խօսքը ճշմարիտ է՝ Մարերու ու Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ»։ 13 Այն ատեն անոնք թագաւորին ըսին. «Հրէաստանի գերութեան որդիներէն Դանիէլը քեզ եւ քու ստորագրած արգելիչ օրէնքդ բանի տեղ չի դներ, ո՛վ թագաւոր ու օրը երեք անգամ իր խնդրանքը կը մատուցանէ իր Աստուծոյն»։ 14 Այն ատեն թագաւորը այս խօսքերը լսածին պէս՝ շատ տրտմեցաւ ու մտածեց Դանիէլը ազատել ու մինչեւ արեւուն մտնելը ջանաց զանիկա ապրեցնել, 15 Բայց այն մարդիկը թագաւորին քով եկան ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, գիտցիր թէ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքը այս է, որ թագաւորին հաստատած ոեւէ արգելիչ օրէնք ու հրաման չի փոխուիր»։ 16 Այն ատեն թագաւորը հրամայեց, որ Դանիէլը բերեն եւ զանիկա առիւծներուն գուբը նետեն։ Թագաւորը Դանիէլին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, անիկա քեզ պիտի ազատէ»։ 17 Ու քար մը բերին ու գուբին բերանը դրին։ Թագաւորը զանիկա իր կնիքովը ու իր մեծամեծներուն կնիքովը կնքեց, որպէս զի Դանիէլին վիճակը չփոխուի։ 18 Ետքը թագաւորը իր տունը գնաց ու գիշերը անօթի անցուց։ Իր առջեւ նուագարաններ բերել չտուաւ ու քունը փախաւ։

19 Թագաւորը արշալոյսին կանուխ ելաւ ու արտորնօք առիւծներուն գուբը գնաց։ 20 Երբ գուբին մօտեցաւ, տրտում ձայնով մը Դանիէլին պոռաց եւ թագաւորը Դանիէլին ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, կարող եղա՞ւ քեզ առիւծներէն ազատել»։ 21 Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. 22 Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց ու ինծի չվնասեցին. վասն զի անոր առջեւ անմեղ գտնուեցայ եւ քու առջեւդ ալ, ո՛վ թագաւոր, յանցանք մը գործած չեմ»։ 23 Այն ատեն թագաւորը շատ ուրախացաւ ու հրամայեց որ Դանիէլը գուբէն հանեն։ Դանիէլը գուբէն հանեցին ու անոր վրայ ոեւէ վնաս չտեսնուեցաւ, վասն զի իր Աստուծոյն հաւատաց։ 24 Թագաւորը հրամայեց ու Դանիէլին վրայ չարախօսութիւն ընող մարդիկը բերին եւ զանոնք ու անոնց տղաքները ու կիները առիւծներուն գուբը նետեցին։ Անոնք դեռ գուբին յատակը չհասած՝ առիւծները անոնց վրայ յարձակեցան ու անոնց բոլոր ոսկորները փշրեցին։

25 Այն ատեն Դարեհ թագաւորը բոլոր երկրի ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն այսպէս գրեց. «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ. 26 Ինձմէ հրաման ելաւ, որ իմ թագաւորութեանս բոլոր իշխանութեանը մէջ՝ Դանիէլին Աստուծոյն երեսէն դողան ու վախնան, վասն զի անիկա կենդանի Աստուած է ու յաւիտեան կը կենայ եւ անոր թագաւորութիւնը չաւրուիր ու անոր իշխանութիւնը մինչեւ վերջը կը մնայ։ 27 Անիկա կ’ազատէ ու կը փրկէ եւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ ու հրաշքներ կ’ընէ եւ Դանիէլը առիւծներուն բերնէն ազատեց»։

28 Այսպէս Դանիէլ Դարեհի թագաւորութեանը ու Պարսիկ Կիւրոսի թագաւորութեանը ատեն յաջողութիւն գտաւ։

ԴԱՆԻԷԼ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԻՐ ՏԵՍԻԼՔԸ

(7։1–12։13)

ԴԱՆԻԷԼԻ ՉՈՐՍ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ

7 1 Բաբելոնի Բաղտասար թագաւորին առաջին տարին, Դանիէլ երազ մը տեսաւ։ Իր անկողնին մէջ՝ իր գլխուն տեսիլքները եւ երազը գրեց համառօտ կերպով։ Դանիէլ ըսաւ. «Գիշերը տեսիլքիս մէջ տեսայ թէ երկնքի չորս հովերը մեծ ծովուն վրայ կը յարձակէին Ու ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին։

«Առաջինը առիւծի պէս էր ու արծիւի թեւեր ունէր։ Երբ կը նայէի՝ անոր թեւերը փրցուեցան ու երկրէն վերցուեցաւ եւ մարդու պէս ոտքերու վրայ կայնեցաւ ու անոր մարդու սիրտ տրուեցաւ։

«Երկրորդ գազանը արջի նման էր ու մէկ կողմը կայնեցաւ։ Բերանը՝ ակռաներուն մէջ՝ երեք կողի ոսկոր կար եւ անոր այսպէս ըսին. ‘Ելի՛ր, շատ միս կե՛ր’։

«Անկէ ետքը տեսայ, ահա ինձի նման ուրիշ մը, որուն կռնակին վրայ թռչունի չորս թեւեր կային։ Այս գազանը չորս գլուխ ունէր։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ։

Անկէ ետքը գիշերուան տեսիլքներու մէջ տեսայ չորրորդ գազան մը։ Անիկա ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր էր։ Անիկա մեծ երկաթէ ակռաներ ունէր։ Կ’ուտէր ու կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։ Իրմէ առաջ եկող գազաններէն տարբեր էր։ Տասը եղջիւր ունէր։ Երբ եղջիւրները կը դիտէի, ահա անոնց մէջ ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը ելաւ, որուն առջեւէն միւս եղջիւրներէն երեքը խլուեցան եւ ահա այս եղջիւրին վրայ մարդու աչքերու պէս աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան կար։

ՏԵՍԻԼՔԸ ԱՆՈՐ, ՈՐ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻ Է

«Երբ կը դիտէի, աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը նստաւ։ Անոր զգեստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ ու գլխուն մազը մաքուր բուրդի պէս էր։ Անոր աթոռը՝ կրակի բոցի պէս ու անիւները վառած կրակի պէս էին։ 10 Անոր առջեւէն կրակի գետ մը կ’ելլէր ու կը վազէր։ Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին անոր եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին։ Ատեանը բազմեցաւ դատելու ու գրքերը բացուեցան։ 11 Երբ այն կողմը կը նայէի, այն եղջիւրին մեծ խօսքերուն ձայնին համար, տեսայ թէ գազանը սպաննուեցաւ եւ անոր մարմինը կորսուեցաւ ու կրակի բոցերու տրուեցաւ։ 12 Թէեւ միւս գազաններուն իշխանութիւնը վերցուեցաւ, բայց ժամանակ մը անոր կեանքը երկարեցաւ։ 13 Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի մարդոյ նման մէկը կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է ու Որդին մարդոյ անոր մօտեցուցին։ 14 Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի։

ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐՈՒԻՆ

15 «Ես՝ Դանիէլս՝ հոգիով իմ ներսիդիս վշտացայ եւ իմ տեսիլքներս զիս խռովեցուցին։ 16 Հոն կայնողներէն մէկուն մօտեցայ ու բոլոր բաներուն իմաստը անոր հարցուցի եւ անիկա ինծի խօսեցաւ ու այս բաներուն մեկնութիւնը ինծի իմացուց. 17 ‘Այս չորս գազանները չորս թագաւորներ են, որոնք երկրէն պիտի ելլեն։ 18 Եւ Բարձրեալին սուրբերը պիտի առնեն թագաւորութիւնը ու անոնք պիտի ժառանգեն թագաւորութիւնը յաւիտեան եւ յաւիտեանս յաւիտենից’։

19 «Ետքը չորրորդ գազանին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ ուզեցի, որ բոլոր միւսներէն տարբեր էր ու խիստ ահեղ էր. անոր ակռաները երկաթէ եւ եղունգները պղնձէ էին, անիկա կ’ուտէր, կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։ 20 Նոյնպէս հարցուցի անոր գլխուն վրայի տասը եղջիւրներուն մասին ու միւսին մասին, որուն առջեւէն երեքը ինկան, այսինքն այն եղջիւրին մասին, որ աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան ունէր ու միւսներէն աւելի մեծ կ’երեւէր։ 21 Երբ կը դիտէի՝ այդ եղջիւրը միւսներէն մեծ կ’երեւէր եւ կը տեսնէի, որ այդ եղջիւրը սուրբերուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց, 22 Մինչեւ որ յաւիտեան կենդանին եկաւ եւ Բարձրեալին սուրբերուն իրաւունք տրուեցաւ ու ժամանակը հասաւ, որ սուրբերը թագաւորութիւնը առնեն։ 23 Անիկա այսպէս ըսաւ. ‘Չորրորդ գազանը երկրի վրայ չորրորդ թագաւորութիւնը պիտի ըլլայ, որ բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ ու բոլոր երկիրը պիտի ուտէ ու զանիկա պիտի կոխկռտէ ու փշրէ։ 24 Այն տասը եղջիւրները տասը թագաւորներ են, որ այն թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ, 25 Բարձրեալին դէմ խօսքեր պիտի ըսէ ու Բարձրեալին սուրբերը պիտի սպառէ եւ պիտի մտածէ ժամանակներ ու օրէնքներ փոխել։ Անոնք մինչեւ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ անոր ձեռքը պիտի տրուին։ 26 Թէեւ ատեանը պիտի բազմի, բայց անոր իշխանութիւնը պիտի վերցնեն, վերջապէս զանիկա բնաջինջ պիտի ընեն ու կորսնցնեն։ 27 Թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը ու բոլոր երկնքին տակ եղող թագաւորութիւններուն մեծութիւնը Բարձրեալին սուրբերուն ժողովուրդին պիտի տրուի։ Անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն պիտի ըլլայ ու բոլոր իշխանները անոր պիտի ծառայեն ու պիտի հնազանդին’։

28 «Խօսքին վերջը մինչեւ հոս է։ Իմ խորհուրդներս զիս՝ Դանիէլս՝ խիստ խռովեցուցին ու երեսիս գոյնը փոխուեցաւ եւ այս խօսքը սրտիս մէջ պահեցի»։

ԴԱՆԻԷԼԻ ՏԵՍԻԼՔԸ ԽՈՅԻ ԵՒ ՔՕՇԻ

8 1 «Բաղտասար թագաւորին թագաւորութեանը երրորդ տարին Տեսիլքի մէջ Եղամի գաւառին Շուշան մայրաքաղաքն էի, Ուլա գետին քով։

Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ գետին քով խոյ մը կայնած էր։ Անիկա երկու եղջիւր ունէր։ Եղջիւրներէն մէկը միւսէն բարձր էր։ Այն բարձրը ետքէն ելաւ։ Տեսայ այն խոյը, որ իր եղջիւրներով դէպի արեւմուտք, դէպի հիւսիս ու դէպի հարաւ կը զարնէր ու բնաւ գազան մը անոր առջեւ չէր կրնար կայնիլ եւ անոր ձեռքէն ազատուող չկար. այնպէս որ անիկա իր ուզածին պէս ըրաւ ու մեծցաւ։

«Երբ կը մտածէի, ահա արեւմուտքէն արագընթաց արու այծ մը՝ քօշ մը՝ տեսայ, որուն ոտքերը գետնին չէին դպչիր։ Քօշը իր աչքերուն մէջտեղ ուշագրաւ եղջիւր մը ունէր։ Անիկա հասաւ մինչեւ երկու եղջիւր ունեցող խոյը, որը տեսայ թէ գետին քով կայնած էր ու իր կատաղի զօրութիւնովը խոյին վրայ յարձակեցաւ։ Տեսայ թէ երբ խոյին մօտեցաւ, զայրացաւ եւ խոյին զարկաւ ու անոր երկու եղջիւրները կոտրեց։ Խոյը ոյժ չունէր, որ դիմանար։ Ան զինք գետինը զարկաւ ու կոխկռտեց։ Մէ՛կը չկար, որ խոյը անոր ձեռքէն ազատէր։ Երբ քօշը խիստ մեծցաւ, ուժովցածին պէս՝ այն մեծ եղջիւրը կոտրեցաւ եւ անոր տեղ դէպի երկնքի չորս հովերը ուրիշ չորս աչքառու եղջիւրներ ելան։ Անոնցմէ մէկին մէջէն պզտիկ եղջիւր մը ելաւ։ Անիկա դէպի հարաւ, դէպի արեւելք ու դէպի փառաւոր երկիրը խիստ մեծցաւ 10 Ու մինչեւ երկնքի զօրքը մեծցաւ եւ քանի մը զօրք ու աստղեր գետինը ձգեց ու զանոնք կոխկռտեց 11 Մինչեւ որ զօրքերու Իշխանը ինքզինք բարձրացուց ու անկէ մշտնջենապէս այրուող զոհը վերցուեցաւ եւ անոր սրբարանին բնակարանը կործանուեցաւ։ 12 Ու զօրք մը ամբարշտութեամբ մշտնջենապէս այրուող զոհին դէմ դրաւ ու ճշմարտութիւնը գետինը զարկաւ։ Ինչ որ ըրաւ՝ յաջողեցաւ։ 13 Լսեցի որ սուրբ մը կը խօսէր եւ ուրիշ սուրբ մը առաջին խօսողին ըսաւ. ‘Մշտնջենապէս այրուող զոհին ու աւերող ամբարշտութեանը ու սրբարանին զօրքին կոխկռտուելուն տեսիլքը մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ’։ 14 Առաջինը ինծի ըսաւ. ‘Մինչեւ երկու հազար երեք հարիւր օր, ետքը սրբարանը պիտի մաքրուի’։

ԳԱԲՐԻԷԼ ՀՐԵՇՏԱԿԸ ՏԵՍԻԼՔԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ

15 «Երբ ես՝ Դանիէլս՝ տեսիլքը տեսայ ու մեկնութիւնը կ’ուզէի հասկնալ, ահա իմ առջեւս մարդու կերպարանքով մէկը կանգնեցաւ։ 16 Ես Ուլա գետին մէջէն մարդու ձայն լսեցի, որ կը կանչէր ու կ’ըսէր. 8։17 ‘Ով Գաբրիէլ, տեսիլքը ատոր հասկցուր’։ 17 Գաբրիէլը իմ կեցած տեղիս մօտ եկաւ, վախցայ ու երեսիս վրայ ինկայ։ Անիկա ինծի ըսաւ. «Հասկցի՛ր, որդի՛ մարդոյ, որ այս տեսիլքը վերջին ժամանակին համար է»։ 18 Երբ անիկա ինծի հետ կը խօսէր, ես թմրած՝ երեսիս վրայ գետինը ինկած էի։ Անիկա ինծի դպաւ ու զիս իմ կեցած տեղս կայնեցուց 19 Ու ըսաւ. ‘Ահա քեզի կ’իմացնեմ բարկութեան վերջը ըլլալիքը, վասն զի այս տեսիլքը վերջի ժամանակին համար է։ 20 Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։ 21 Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։ 22 Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը։ 23 Անոնց թագաւորութեանը վերջը, երբ ամբարիշտները իրենց ամբարշտութեան չափը լեցնեն, պնդերես ու խորագէտ թագաւոր մը պիտի ելլէ։ 24 Անոր իշխանութիւնը պիտի զօրանայ, բայց ո՛չ թէ իր զօրութիւնովը ու անիկա ահաւոր աւերներ պիտի գործէ եւ իր կատարածներուն մէջ պիտի յաջողի, պիտի կործանէ զօրաւոր մարդիկն ու սուրբերու ժողովուրդը։ 25 Իր խորամանկութեամբ պիտի յաջողի իր նենգաւոր ճամբաներուն մէջ ու իր սրտին մէջ պիտի հպարտանայ ու խաղաղութեան մէջ շատերը պիտի կորսնցնէ եւ իշխաններուն Իշխանին դէմ պիտի դնէ, բայց առանց ձեռքի պիտի կոտրի։ 26 Իրիկուան ու առտուան տեսիլքը, որ ցուցուեցաւ՝ ճշմարիտ է. բայց դուն տեսիլքը գոցէ, քանզի վերջի օրերու համար է’։

27 «Ու ես՝ Դանիէլս՝ մարեցայ եւ քանի մը օր հիւանդացայ։ Ետքը ելայ թագաւորին գործով զբաղեցայ ու տեսիլքին համար զարմացումի մէջ էի։ Մէկը չկար որ ինծի հասկցնէր»։

ԴԱՆԻԷԼ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ Կ’ԱՂՕԹԷ

9 1 Ասուերոսի որդին Դարեհ, որ Մարերու սերունդէն էր, Քաղդէացիներու պետութեան վրայ թագաւոր եղաւ։ Անոր թագաւորութեանը առաջին տարին ես՝ Դանիէլս՝ գրքերէն իմացայ այն տարիներուն թիւը, որոնց համար Տէրոջը խօսքը եղեր էր Երեմիա մարգարէին, թէ եօթանասուն տարիէն պիտի վերջացնէր Երուսաղէմի աւերումները։

Ես իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէս զի ծոմապահութեամբ, քուրձով ու մոխիրով աղօթք ու աղաչանք մատուցանեմ Եւ իմ Տէր Աստուծոյս աղօթք ըրի, խոստովանեցայ ու ըսի. «Ո՛հ, Տէ՛ր, մեծ եւ ահաւոր Աստուած, որ քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտն ու ողորմութիւնը կը պահես, Մենք մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն ըրինք եւ ապստամբեցանք ու քու պատուիրանքներէդ ու օրէնքներէդ խոտորեցանք Եւ քու ծառաներուդ՝ մարգարէներուն՝ խօսքին մտիկ չըրինք, որոնք մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն ու երկրին բոլոր ժողովուրդին քու անունովդ խօսեցան։ Ո՛վ Տէր, քեզի կը վայլէ արդարութիւն ու մեզի՝ երեսի ամօթ (ինչպէս այսօր եղաւ), Յուդայի մարդոց, Երուսաղէմի բնակիչներուն ու բոլոր մերձաւոր ու հեռաւոր Իսրայելացիներուն, այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր զանոնք քշեցիր անոնց քեզի դէմ ըրած յանցանքին համար։ Ո՛վ Տէր, երեսի ամօթ կը վայլէ մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն, վասն զի քեզի դէմ մեղք գործեցինք։ Իսկ ողորմութիւն ու ներողութիւն մեր Տէր Աստուծոյն կը վայլէ, վասն զի մենք անկէ ապստամբեցանք 10 Եւ մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չըրինք, որ իր օրէնքներովը քալենք, որոնք իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով մեր առջեւ դրաւ։ 11 Ու բոլոր Իսրայէլ քու օրէնքդ զանց ըրին եւ քու ձայնիդ մտիկ չընելով՝ խոտորեցան. ուստի Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ օրէնքին մէջ գրուած անէծքն ու երդումը մեր վրայ թափեցան, քանզի անոր դէմ մեղք գործեցինք։ 12 Մեր վրայ մեծ չարիք բերելով՝ հաստատեց իր խօսքերը, որոնք մեր վրայով ու մեզ դատող մեր դատաւորներուն վրայով խօսեր էր. այնպէս որ Երուսաղէմի մէջ եղածին նմանը բոլոր երկնքին տակ չեղաւ։ 13 Մովսէսի օրէնքին մէջ գրուածին պէս այս բոլոր չարիքը մեր վրայ եկաւ. սակայն մենք մեր անօրէնութիւններէն դառնալու եւ քու ճշմարտութեանդ խելամուտ ըլլալու համար մեր Տէր Աստուծմէ ներում չխնդրեցինք։ 14 Եւ Տէրը այս աղէտը պատրաստած էր ու զանիկա մեր վրայ բերաւ, քանզի մեր Աստուածը իր բոլոր գործերուն մէջ արդար է. բայց մենք անոր ձայնին մտիկ չըրինք»։

15 «Ա՛րդ, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որ քու ժողովուրդդ զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր, քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ, մենք մեղք գործեցինք, ամբարշտութիւն ըրինք։ 16 Ո՛վ Տէր, քու բոլոր բարութեանդ համեմատ շնորհք ըրէ՛, քու սուրբ լեռնէդ, Երուսաղէմ քաղաքէն, քու սրտմտութիւնդ ու բարկութիւնդ դարձուր, վասն զի մեր մեղքերուն համար ու մեր հայրերուն անօրէնութիւններուն համար՝ Երուսաղէմն ու քու ժողովուրդդ մեր բոլորտիքը եղողներէն նախատուեցան։ 17 Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, քու ծառայիդ աղօթքն ու աղաչանքը լսէ ու քու սիրոյդ համար՝ քու ամայացած սրբարանիդ վրայ երեսդ փայլեցուր։ 18 Ականջդ խոնարհեցո՛ւր, ո՛վ Աստուած իմ ու լսէ՛, աչքերդ բա՛ց ու տե՛ս մեր աւերումները եւ այն քաղաքը, որ քու անունովդ կոչուած է. վասն զի մեր աղաչանքը ո՛չ թէ մեր արդարութիւններուն համար քու առջեւդ կը մատուցանենք, հապա քու մեծ ողորմութեանդ համար։ 19 Ո՛վ Տէր, լսէ՛, ո՛վ Տէր, ներէ՛, ո՛վ Տէր, մտիկ ըրէ՛ ու կատարէ՛. մի՛ ուշանար՝ քեզի համար, ո՛վ Աստուած իմ, քանզի քու քաղաքդ ու քու ժողովուրդդ քու անունովդ կոչուած են»։

ԳԱԲՐԻԷԼ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ

20 Ու երբ ես տակաւին կը խօսէի, կ’աղօթէի եւ իմ մեղքս ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մեղքը կը խոստովանէի եւ իմ Աստուծոյս սուրբ լերանը համար իմ աղաչանքս իմ Տէր Աստուծոյս կը մատուցանէի, 21 Երբ ես տակաւին աղօթքի մէջ կը խօսէի, ահա այն առաջին տեսիլքին մէջ տեսած մարդս՝ Գաբրիէլը՝ շուտ մը թռչելով՝ ինծի դպաւ իրիկուան զոհին ատենը 22 Ու ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, հիմա եկայ որ քեզի իմաստութիւն պարգեւեմ։ 23 Քու աղաչանքիդ սկիզբը պատգամ տրուեցաւ ու ես եկայ որպէս զի պատմեմ, վասն զի դուն Աստուծոյ սիրելին ես։ Ուրեմն պատգամը միտքդ պահէ՛ ու տեսիլքը հասկցի՛ր։ 24 Յանցանքը վերջացնելու ու մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու եւ տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու ու սուրբերուն Սուրբը օծելու համար՝ քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքին համար եօթանասուն եօթնեակ որոշուած է։ 25 Եւ գիտցի՛ր ու հասկցի՛ր, թէ Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ իշխանին գալը եօթը եօթնեակ ու վաթսուներկու եօթնեակ կայ, մինչեւ նորէն հրապարակն ու պարիսպը շինուին նեղութեան ժամանակներու մէջ։ 26 Վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը Օծուածը պիտի կտրուի, բայց ոչ իրեն համար։ Եկող իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ եւ հեղեղով մը վերջը պիտի ըլլայ։ Մինչեւ պատերազմին վերջի աւերումները սահմանուած են։ 27 Ու եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէ եւ եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու պատարագը պիտի դադրեցնէ։ Ու աւերողը պղծութեան տաճարին վրայ պիտի ըլլայ, մինչեւ որ աւերուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի»։

ԴԱՆԻԷԼԻ ՏԵՍԻԼՔԸ ՏԻԳՐԻՍ ԳԵՏԻՆ ՔՈՎ

10 1 Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին խօսք մը յայտնուեցաւ Դանիէլին, որուն անունը Բաղտասասար էր։ Այն խօսքը ճշմարիտ էր ու մեծ տառապանքի վրայով էր։ Անիկա խօսքը հասկցաւ ու տեսիլքին տեղեակ եղաւ։ Այն օրերը ես՝ Դանիէլս՝ լման երեք շաբաթ սուգ պահեցի. Ախորժելի կերակուր չկերայ ու բերանս միս կամ գինի չմտաւ ու բնաւ իւղով չօծուեցայ՝ մինչեւ որ երեք շաբաթը լմնցաւ։

Առաջին ամսուան քսանըչորրորդ օրը ես Տիգրիս մեծ գետին եզերքն էի։ Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ ահա կտաւ հագած ու մէջքը Ոփազի ոսկիէ գօտի կապած մարդ մը տեսայ։ Անոր մարմինը ոսկեքարի պէս ու երեսը փայլակի երեւոյթ ունէր։ Աչքերը կրակի բոցերու պէս եւ թեւերն ու ոտքերը փայլուն պղնձի գոյնի նման էին։ Իր ձայնը բազմութեան ձայնին պէս էր։ Այս տեսիլքը միայն ես՝ Դանիէլս տեսայ։ Թէեւ ինծի հետ եղող մարդիկը տեսիլքը չտեսան, սակայն շատ վախցան ու փախան, որպէս զի պահուըտին։ Ես մինակ մնացի։ Իմ վրաս ոյժ չմնաց, իմ վայելչութիւնս ապականութեան դարձաւ ու ա՛լ ոյժ չունեցայ։ Անոր խօսքերը լսեցի ու անոր ձայնը լսածիս պէս՝ թմրած երեսիս վրայ գետինը ինկայ։

10 Այն ատեն ինծի ձեռք մը դպաւ ու զիս ծունկերուս ու ձեռքերուս թաթերուն վրայ վերցուց։ 11 Ինծի ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, սիրելի՛ մարդ, քեզի ըսելու խօսքերս լսէ՛ ու եղած տեղդ կայնէ՛, քանզի հիմա քեզի ղրկուեցայ»։ Երբ անիկա այս խօսքը ինծի ըսաւ, դողալով կայնեցայ։ 12 Ան ինծի ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այն առաջին օրէն ի վեր, որ քու սիրտդ տուիր հասկնալու եւ քու Աստուծոյդ առջեւ քու անձդ խոնարհեցուցիր, քու խօսքերդ լսուեցան ու ես քու խօսքերուդ համար եկայ։ 13 Բայց Պարսիկներու թագաւորութեան իշխանը քսանմէկ օր ընդդիմացաւ. սակայն ահա Միքայէլը՝ առաջին իշխաններէն մէկը՝ ինծի օգնութեան եկաւ ու ես հոն Պարսիկներու թագաւորներուն քով մնացի։ 14 Հիմա քեզի եկայ, որպէս զի իմացնեմ թէ վերջին օրերը քու ժողովուրդիդ ինչ պիտի պատահի, վասն զի տեսիլքը ապագային համար է»։ 15 Անոր խօսքերը լսածիս պէս՝ երեսս դէպի գետինը ծռեցի ու համր մնացի։

16 Ահա մարդու որդիի կերպարանքով մէկը շրթունքներուս դպաւ ու բերանս բացուեցաւ ու խօսեցայ ու դիմացս կայնողին ըսի. «Ո՛վ Տէր իմ, այս տեսիլքով ցաւերս վրաս դարձան։ Ալ ոյժ չունիմ։ 17 Իմ Տէրոջս ծառան իր Տէրոջը հետ ի՞նչպէս պիտի կրնայ խօսիլ, վասն զի հիմակուընէ վրաս ոյժ չկայ ու վրաս շունչ չմնաց»։ 18 Այն մարդու կերպարանք ունեցողը նորէն ինծի դպաւ եւ զիս ուժովցուց 19 Ու ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ սիրելի մարդ, խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, ուժովցի՛ր ու քաջ եղիր»։ Երբ անիկա ինծի հետ խօսեցաւ, ուժովցայ ու ըսի. «Թող խօսի իմ Տէրս, վասն զի ուժովցուցիր զիս»։

20 Անիկա ըսաւ. «Գիտե՞ս թէ ինչու համար քեզի եկայ։ Հիմա Պարսիկներու իշխանին դէմ պատերազմելու պիտի երթամ։ Երբ ես երթամ՝ Յոյներու իշխանը պիտի գայ։ 21 Բայց ես ճշմարտութեան գրքին մէջ գրուածը քեզի պիտի պատմեմ։ Ոեւէ մէկը չկայ, որ ինծի օգնէ, բայց միայն ձեր Միքայէլ իշխանը»։

11 1 Մարերու Դարեհ թագաւորին առաջին տարին ես կայնեցայ որպէս զի զանիկա ուժովցնեմ ու զօրացնեմ։ Հիմա քեզի ճշմարտութիւնը պիտի պատմեմ. «Ահա Պարսկաստանի մէջ երեք թագաւոր ալ պիտի ելլեն ու չորրորդը ամենէն հարուստը պիտի ըլլայ ու երբ իր հարստութիւնովը ուժովնայ, ամէնքը ոտքի պիտի հանէ Յոյներու թագաւորութեան դէմ։

ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՈՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Ետքը զօրաւոր թագաւոր մը պիտի ելլէ ու մեծ իշխանութիւնով պիտի տիրէ, իր կամքին ուզածին պէս պիտի ընէ. Բայց ելլելուն պէս անոր թագաւորութիւնը պիտի կոտրի ու երկնքի չորս հովերուն պիտի բաժնուի. բայց ո՛չ իր յաջորդներուն, ո՛չ ալ իր վարած իշխանութեանը. վասն զի անոր թագաւորութիւնը պիտի քակուի ու իրենցմէ ուրիշներուն պիտի անցնի։

«Հարաւի թագաւորը պիտի ուժովնայ ու անոր իշխաններէն մէկը աւելի պիտի ուժովնայ ու պիտի տիրէ։ Անոր իշխանութիւնը մեծ իշխանութիւն մը պիտի ըլլայ։ Եւ մէկ քանի տարիէն ետքը անոնք իրարու հետ դաշնակցութիւն պիտի ընեն, վասն զի հարաւի թագաւորին աղջիկը հիւսիսի թագաւորին պիտի երթայ հաշտութիւն ընելու համար, բայց բազուկի ոյժ պիտի չունենայ։ Այն թագաւորը ու անոր բազուկը պիտի չկարենայ դիմանալ, հապա այն աղջիկն ու զանիկա բերողները ու զանիկա ծնանողը եւ զայն հոգացողը պիտի սպաննուին։

«Բայց անոր արմատներուն ընձիւղներէն մէկը պիտի ելլէ անոր տեղ ու անիկա զօրքով պիտի գայ եւ հիւսիսի թագաւորին ամրոցները պիտի մտնէ ու անոնց մէջ հաճելի եղածը պիտի ընէ ու պիտի յաղթէ։ Անոնց աստուածներն ալ ձուլածոյ կուռքերուն ու ոսկեղէն ու արծաթեղէն ընտիր ամաններուն հետ իբր գերի Եգիպտոս պիտի տանի։ Անիկա հիւսիսի թագաւորէն աւելի շատ տարիներ պիտի կայնի։ Հարաւի թագաւորին պետութեանը մէջ պիտի մտնէ ու նորէն իր երկիրը պիտի դառնայ։

10 «Անոր որդիները պատերազմի պիտի ելլեն ու շատ զօրքերու բազմութիւն պիտի հաւաքեն. ինք ալ անպատճառ պիտի գայ ու հեղեղի պէս պիտի անցնի եւ մինչեւ անոր ամրոցը պիտի շարունակէ պատերազմիլ։ 11 Իսկ հարաւի թագաւորը պիտի կատղի ու պիտի ելլէ։ Անոր հետ, այսինքն հիւսիսի թագաւորին հետ, պատերազմ պիտի ընէ, բայց բազմութիւնը հարաւի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի, 12 Որը երբ այն բազմութիւնը առնէ, իր սիրտը պիտի բարձրացնէ ու բիւրաւորներ պիտի կործանէ, բայց պիտի չուժովնայ. 13 Քանզի հիւսիսի թագաւորը պիտի դառնայ ու նախորդէն աւելի բազմութիւն ոտքի պիտի հանէ ու մէկ քանի տարիէն մեծ զօրքով ու մեծ պատրաստութեամբ անշուշտ պիտի գայ։

14 «Այն ժամանակները հարաւի թագաւորին վրայ շատերը պիտի ելլեն ու քու ժողովուրդիդ բռնաւորներուն որդիներն ալ ոտքի պիտի ելլեն՝ տեսիլքը կատարելու համար, բայց պիտի գլորին։ 15 Հիւսիսի թագաւորը պիտի գայ ու հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնէ ու պարսպապատ քաղաքները պիտի առնէ եւ հարաւի թագաւորին բազուկները ու անոր ընտրեալները պիտի տկարանան, ո՛չ ալ դիմանալու ոյժ պիտի ունենան։ 16 Անոր վրայ եկողը իր ուզածին պէս պիտի ընէ։ Անոր առջեւ դէմ դնող պիտի չըլլայ։ Փառաւոր երկրին մէջ պիտի կենայ եւ իր ձեռքով պիտի աւերէ։ 17 Պիտի դառնայ իր թագաւորութեան բոլոր ուժովը, խաղաղութեան պայմանները պիտի բերէ եւ հաստատէ զանոնք, կիներուն աղջիկը անոր պիտի տայ, որպէս զի կործանէ թագաւորութիւնը, բայց անոր հետ պիտի չկենայ կամ բան մը պիտի չշահի։ 18 Վերջապէս իր երեսը դէպի կղզիները պիտի դարձնէ ու անոնցմէ շատերը պիտի առնէ, բայց իշխան մը անոր նախատինքը պիտի դադրեցնէ ու ասկէ զատ անոր նախատինքը անոր վրայ պիտի դարձնէ։ 19 Իր երեսը դէպի իր երկրին ամրոցները պիտի դարձնէ, բայց պիտի տկարանայ, պիտի իյնայ ու պիտի չգտնուի։

20 Եւ անոր տեղ ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ հարկապահանջը պիտի ղրկէ իր թագաւորութեանը փառքին համար, բայց անիկա քիչ օրերու մէջ պիտի կոտրի, սակայն ո՛չ բարկութեամբ եւ ո՛չ պատերազմով։

ՍՈՒՐԻՈՅ ՉԱՐ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

21 Անոր տեղ անարգ մէկը պիտի ելլէ, որուն թագաւորական պատիւ պիտի չտան. բայց անիկա հանդարտութեամբ պիտի գայ ու շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը պիտի առնէ։ 22 Անոր առջեւէն բանակները հեղեղի պէս պիտի քալեն եւ ընկղմին, նաեւ ուխտին իշխանը։ 23 Քանզի անոր հետ դաշինք կնքելէ ետք նենգութիւն պիտի ընէ ու տկար ազգով պիտի յաղթէ։ 24 Անիկա հանդարտութեամբ խիստ պարարտ գաւառի մէջ պիտի մտնէ ու իր հայրերուն ու անոնց հայրերուն չըրածը ինք պիտի ընէ։ Անոնց մէջ աւար եւ կողոպուտ ու ստացուածք պիտի բաժնէ ու կարճ ժամանակ մը պարիսպներուն դէմ իր ծրագիրները պիտի մշակէ։ 25 Մեծ զօրքով իր զօրութիւնն ու սիրտը պիտի գրգռէ հարաւի թագաւորին դէմ։ Հարաւի թագաւորն ալ խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրքով պատերազմի պիտի ելլէ, բայց պիտի չկարենայ դիմանալ. վասն զի անոր դէմ ծրագիրներ պիտի մշակուին։ 26 Անոր ազնիւ կերակուրները ուտողները անգամ զանիկա պիտի կոտորեն եւ անոր զօրքը պիտի ցրուի ու շատերը պիտի սպաննուին։ 27 Այս երկու թագաւորներուն ալ սիրտը չարութիւն ընելու հակամէտ պիտի ըլլայ ու նոյն սեղանին վրայ սուտ պիտի խօսին, բայց պիտի չյաջողին, վասն զի վախճանը որոշուած ժամանակին պիտի հասնի։ 28 Անիկա շատ հարստութիւնով իր երկիրը պիտի դառնայ, բայց իր սիրտը սուրբ ուխտին դէմ պիտի ըլլայ։ Իր ուզածը պիտի ընէ ու իր երկիրը պիտի դառնայ։

29 «Որոշուած ժամանակին պիտի դառնայ ու հարաւին վրայ պիտի երթայ. բայց վերջինը առաջինին պէս պիտի չըլլայ։ 30 Քանզի Կիտացիներու նաւերը անոր դէմ պիտի երթան եւ անիկա պիտի թուլնայ ու դառնալով սուրբ ուխտին դէմ պիտի ելլէ, պիտի դառնայ ու սուրբ ուխտը մերժողներուն մտիկ պիտի ընէ։ 31 Իր բանակներէն ոմանք պիտի երեւին եւ պղծեն տաճարը եւ բերդը ու պիտի վերցնեն մշտնջենապէս այրուող զոհը։ Անոր տեղ աւերող պղծութիւնը պիտի դնեն։ 32 Ու ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ. բայց իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները պիտի զօրանան ու պիտի ընդդիմանան։ 33 Ժողովուրդին խելացիները շատերուն պիտի սորվեցնեն, թէեւ ատեն մը սուրի, կրակի, գերութեան եւ յափշտակութեան պիտի հանդիպին։ Բայց երբ այս բաներուն հանդիպին՝ քիչ մը օգնութիւն պիտի գտնեն։ 34 Ու շատերը շողոքորթութիւններով անոնց պիտի յարին։ 35 Խելացիներէն ոմանք այս բաներուն պիտի հանդիպին, որպէս զի մինչեւ վերջին ժամանակը զանոնք փորձէ, մաքրէ ու ճերմկցնէ. քանզի անիկա տակաւին որոշ ժամանակ մը պիտի տեւէ։

36 «Այն թագաւորը իր ուզածը պիտի ընէ ու զինքը բոլոր աստուածներէն վեր պիտի բարձրացնէ ու պիտի մեծցնէ եւ աստուածներուն Աստուծոյն դէմ սոսկալի բաներ պիտի խօսի ու յաջողութիւն պիտի գտնէ՝ մինչեւ որ բարկութիւնը կատարուի. քանզի նախասահմանուածը պիտի գործադրուի։ 37 Ան իր հայրերուն աստուածներուն մասին պիտի չմտածէ, ո՛չ ալ կիներու ցանկութիւններու մասին ու ոեւէ աստուած պիտի անտեսէ, քանզի ինքզինք ամենէն մեծ պիտի սեպէ։ 38 Ան բերդերուն աստուածը իր եղած տեղը պիտի պատուէ ու իր հայրերուն չճանչցած աստուածը ոսկիով, արծաթով, պատուական քարերով ու ցանկալի բաներով պիտի պատուէ։ 39 Օտար աստուծոյ հետ զօրաւոր բերդերու մէջ պիտի գործէ ու զանիկա ճանչցողներուն փառքը պիտի շատցնէ եւ շատերուն վրայ տիրել պիտի տայ անոնց ու երկիրը իբրեւ վարձք պիտի բաժնէ։

40 «Վերջին ժամանակը հարաւի թագաւորը անոր վրայ պիտի յարձակի, բայց հիւսիսի թագաւորը կառքերով, ձիաւորներով ու շատ նաւերով մրրիկի պէս հարաւի թագաւորին դէմ պիտի երթայ ու անոր երկիրը պիտի մտնէ ու կոխելով պիտի անցնի։ 41 Փառաւոր երկիրը պիտի մտնէ ու շատ երկիրներ տակնուվրայ պիտի ընէ. բայց անոր ձեռքէն պիտի ազատին Եդովմը, Մովաբն ու Ամմոնի որդիներուն գլխաւոր քաղաքը։ 42 Իր ձեռքը երկիրներու վրայ պիտի երկնցնէ ու Եգիպտոսը պիտի չկարենայ ազատիլ։ 43 Ոսկիի ու արծաթի գանձերուն ու Եգիպտոսի բոլոր պատուական բաներուն պիտի տիրէ եւ Լիբէացիներն ու Եթովպիացիները անոր պիտի հետեւին։ 44 Բայց արեւելքէն ու հիւսիսէն լուրեր պիտի գան, որոնք զինք պիտի խռովեցնեն, ուստի մեծ բարկութեամբ պիտի ելլէ, որպէս զի շատերը կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ։ 45 Պալատներու պէս վրանները ծովուն մէջտեղ փառաւոր ու սուրբ լերան վրայ պիտի կանգնեցնէ. բայց անիկա իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ»։

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

12 1 Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կը կենայ ու այնպիսի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի։ Երկրի հողին մէջ քնացողներուն շատերը պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար։ Եւ իմաստունները երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս ու անոնք որ շատերը արդարութեան կ’առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից։

«Դո՛ւն, ո՛վ Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ ու գիրքը կնքէ մինչեւ վերջին ժամանակը։ Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ»։

Ես՝ Դանիէլս՝ տեսայ թէ ուրիշ երկու մարդիկ կայներ էին, մէկը գետին մէկ եզերքը ու միւսը՝ գետին միւս եզերքը։ Մէկը ըսաւ այն կտաւ հագած մարդուն, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր. «Այս սքանչելի բաներուն վերջը ե՞րբ պիտի ըլլայ»։ Եւ լսեցի որ այն կտաւ հագած մարդը, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր, իր աջ ու ձախ ձեռքերը երկինք վերցնելով՝ յաւիտեան կենդանի եղողին վրայ երդում ըրաւ, որ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ պիտի ըլլայ ու երբ սուրբ ժողովուրդին զօրութիւնը բոլորովին ցրուի, այս բոլորը պիտի կատարուին։

Ես լսեցի, բայց չհասկցայ ու ըսի. «Ո՛վ տէր իմ, ասոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Անիկա ըսաւ. «Գնա՛, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այս խօսքերը մինչեւ վերջին ժամանակը գոցուած ու կնքուած են։ 10 Շատերը պիտի մաքրուին ու պիտի ճերմկնան ու պիտի փորձուին, բայց ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի ընեն ու բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան։ 11 Ու մշտնջենապէս այրուող զոհին վերցուելուն եւ աւերող պղծութեանը դրուելուն ժամանակէն հազար երկու հարիւր ինիսուն օր պիտի ըլլայ։ 12 Երանի՜ անոր որ պիտի սպասէ ու հազար երեք հարիւր երեսունըհինգ օրուան պիտի հասնի։ 13 Բայց դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը, վասն զի պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս»։