ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՍՈՓՈՆԵԱՅ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՍՈՓՈՆԵԱՅ

1 1 Տէրոջը խօսքը, որ Եզեկիայի որդիին Ամարիայի որդիին Գոդողիայի որդիին Քուսիի որդիին Սոփոնիային եղաւ՝ Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային օրերը։

ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ ՕՐԸ

 «Երկրին երեսէն ամէն բան բոլորովին պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։

 «Մարդն ու անասունը պիտի կորսնցնեմ,

Երկնքի թռչուններն ու ծովուն ձուկերը

Եւ գայթակղութիւնները ամբարիշտներուն հետ պիտի կորսնցնեմ,

Երկրի երեսէն մարդը պիտի բնաջնջեմ», կ’ըսէ Տէրը։

 «Իմ ձեռքս Յուդայի վրայ,

Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ.

Այս տեղէն բնաջինջ պիտի ընեմ Բահաղին մնացորդը,

Քուրմերուն անունը՝ քահանաներուն հետ,

 Տանիքներու վրայ երկնքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները

Երկրպագութիւն ընելով Տէրոջմով երդում ընողները,

Մեղքոմով երդում ընողները,

 Տէրոջմէ ետ դարձողները ու Տէրը չփնտռողները

Եւ զանիկա չխնդրողները»։

 Տէր Եհովային առջեւ լուռ կեցի՛ր,

Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է,

Քանզի Տէրը զոհ պատրաստեց, իր կոչնականները հրաւիրեց։

 Եւ Տէրոջը զոհին օրը

Իշխաններն ու թագաւորին տղաքները

Ու բոլոր օտար զգեստ հագնողները պիտի պատժեմ։

 Այն օրը սեմին վրայէն բոլոր ցատկողները,

Իրենց Տէրոջը տունը զրկանքով ու նենգութեամբ լեցնողները պիտի պատժեմ։

10 «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,

Ձուկերու դռնէն աղաղակի ձայն

Եւ Մասենայէն՝ հեծութիւն

Ու բլուրներէն մեծ կոտորած պիտի ըլլայ։

11 Ողբացէ՛ք ո՛վ Մաքթէսի բնակիչներ,

Քանզի բոլոր վաճառական ժողովուրդը կորսուեցաւ,

Բոլոր արծաթ բերողները կոտորուեցան։

12 Այն ժամանակ

Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ

Ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ,

Որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝

‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’։

13 Անոնց ստացուածքը՝ աւար,

Անոնց տուները աւերակ պիտի ըլլան։

Տուներ պիտի շինեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին,

Այգիներ պիտի տնկեն, բայց անոնց գինին պիտի չխմեն»։

14 Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։

Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ։

Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ,

Զօրաւորը հոն դառնապէս պիտի աղաղակէ։

15 Այն օրը բարկութեան օր է.

Նեղութեան ու տառապանքի օր,

Կործանումի ու աւերումի օր,

Խաւարի ու մէգի օր,

Ամպի ու մառախուղի օր է։

16 Պարսպապատ քաղաքներու դէմ

Եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է։

17 Մարդիկ նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ

Կոյրերու պէս պիտի պտըտին,

Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին։

Անոնց արիւնը՝ փոշիի պէս

Ու մարմինները աղբի պէս պիտի թափուին։

18 Տէրոջը բարկութեան օրը

Անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ

Զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան։

Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի,

Քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ։

ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ ՄԸ

2 1 Քննեցէ՛ք ձեր անձերը, քննեցէ՛ք,

Ո՛վ չամչցող ազգ,

 Դեռ մղեղի պէս մէկ կողմ չքշուած,

Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած,

Դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած

 Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։

Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք,

Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք,

Թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք։

ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՇՈՒՐՋԻ ԱԶԳԵՐՈՒՆ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ

 Քանզի Գազանը պիտի լքուի,

Ասկաղոնը պիտի ամայանայ,

Ազովտոսը կէսօրուան ատեն պիտի վռնտուի

Եւ Ակկարոնը արմատէն պիտի խլուի։

 Վա՜յ ծովեզերքը բնակողներուն, Քերեթիներու ազգին։

Ո՛վ Քանան, Փղշտացիներու երկիր, Տէրոջը խօսքը քեզի դէմ է,

Քեզ ալ պիտի աւերեմ, այնպէս որ բնակիչ չունենաս։

 Ծովեզերքը հովիւներու բնակարաններ ու աւազաններ

Ու հօտերու փարախներ պիտի ըլլան։

 Ծովեզերքը Յուդային տանը մնացորդին պիտի ըլլայ։

Հոն պիտի արածին։

Իրիկունը Ասկաղոնին տուներուն մէջ պիտի պառկին,

Քանզի անոնց Տէր Աստուածը անոնց այցելութիւն պիտի ընէ

Եւ զանոնք գերութենէ պիտի դարձնէ։

 Մովաբին նախատինքը

Ու Ամմոնին որդիներուն հայհոյութիւնները լսեցի,

Որոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին

Ու անոնց սահմանին դէմ հպարտացան։

 Անոր համար Իսրայէլին Աստուածը՝ զօրքերու Տէրը՝ այսպէս կ’ըսէ.

«Կենդանի եմ ես, որ Մովաբը Սոդոմին պէս

Ու Ամմոնին որդիները Գոմորին պէս

Եղիճներու կալուածք, աղի հանք

Ու յաւիտենապէս ամայի պիտի ըլլայ։

Իմ ժողովուրդիս մնացորդը զանոնք պիտի յափշտակէ

Ու իմ ազգիս մնացորդները զանոնք պիտի ժառանգեն։

10 Ասիկա անոնց հպարտութեանը համար պիտի ըլլայ,

Քանզի անոնք զօրքերու Տէրոջը ժողովուրդը նախատեցին

Ու անոր դէմ հպարտացան։

11 Տէրը անոնց վրայ ահարկու պիտի ըլլայ,

Քանզի անիկա երկրի բոլոր աստուածները բնաջինջ պիտի ընէ

Եւ ազգերու բոլոր կղզիները,

Ամէն մէկը իր տեղը, երկրպագութիւն պիտի ընեն իրեն։

12 Դո՛ւք ալ, ո՛վ Եթովպիացիներ,

Իմ սուրովս պիտի սպաննուիք։

13 Անիկա իր ձեռքը հիւսիսին վրայ պիտի երկնցնէ

Ու Ասորեստանցին պիտի կորսնցնէ

Եւ Նինուէն աւերակի

Ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի վերածէ

14 Եւ անոր մէջ հօտեր,

Ազգերու բոլոր գազանները պիտի պառկին։

Հաւալուսն ու ոզնին ալ

Անոր խոյակներուն մէջտեղերը գիշերը պիտի անցընեն։

Պատուհաններէն ձայն պիտի լսուի,

Սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ,

Քանզի եղեւնափայտը պիտի քակուի։

15 Զբօսասէր քաղաքը ասիկա է, որ ապահովութեամբ կը բնակէր.

Որ իր սրտին մէջ կ’ըսէր թէ

‘Ես եմ ու ինձմէ զատ ուրիշ մէկը չկայ’,

Ի՜նչպէս աւերակ ու գազաններու որջ եղաւ։

Անկէ ամէն անցնող պիտի սուլէ ու ձեռքը պիտի շարժէ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ՄԵՂՔԸ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

3 1 Վա՜յ ապստամբ ու պիղծ քաղաքին,

Հարստահարութիւն ընող քաղաքին։

 Խօսք մտիկ չըրաւ, խրատ չընդունեց,

Տէրոջը չապաւինեցաւ, իր Աստուծոյն չմօտեցաւ։

 Անոր իշխանները անոր մէջ մռնչող առիւծներ են,

Անոր դատաւորները երեկոյեան գայլեր են,

Որոնք մինչեւ առտու բան մը չեն թողուր։

 Անոր մարգարէները սնապարծ ու նենգաւոր մարդիկ են,

Անոր քահանաները սրբարանը պղծեցին

Ու օրէնքը բռնադատեցին։

 Արդար Տէրը անոր մէջ է,

Անիկա անօրէնութիւն չի գործեր.

Առաւօտէ առաւօտ իր իրաւունքը կը ցուցադրէ ու ետ չի մնար,

Բայց անիրաւը ամչնալ չի գիտեր։

 «Ազգերը բնաջինջ ըրի,

Անոնց աշտարակները կործանուեցան։

Անոնց փողոցները աւերեցի,

Որպէս զի անոնցմէ անցնող չըլլայ։

Անոնց քաղաքները ամայացան,

Անմարդ ու անբնակ եղան։

 Ըսի թէ ‘Դուն անշուշտ ինձմէ պիտի վախնաս

Ու խրատ պիտի ընդունիս’։

Անոր բնակարանը բնաջինջ պիտի ըլլայ,

Որչափ որ սահմանած էի,

Սակայն անոնք կանուխ ելան

Ու իրենց բոլոր գործերը ապականեցին»։

 «Ուրեմն ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,

Մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։

Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել,

Թագաւորութիւնները գումարել,

Որպէս զի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս,

Իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ.

Քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի։

 Վասն զի այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները

Մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ,

Որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն

Ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն։

10 Եթովպիայի գետերուն անդիի կողմէն

Ինծի աղերսողները, իմ ցրուածներուս աղջիկը,

Ինծի պատարագ պիտի մատուցանեն։

11 «Այն օրը պիտի չամչնաս քու այն բոլոր գործերուդ համար,

Որոնցմով ինծի դէմ ապստամբեցար։

Քանզի այն ատեն քու հպարտութիւնովդ զուարճացողները քու մէջէդ պիտի վերցնեմ

Ու անգամ մըն ալ իմ սուրբ լերանս վրայ պիտի չգոռոզանան։

12 Քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում,

Որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան։

13 Իսրայէլին մնացորդները անօրէնութիւն պիտի չընեն

Ու սուտ պիտի չխօսին,

Անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի.

Քանզի անոնք պիտի արածին ու պիտի պառկին

Ու վախցնող պիտի չըլլայ»։

ՑՆԾՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

14 Ցնծա՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,

Բարձրաձայն աղաղակէ՛, ո՛վ Իսրայէլ,

Բոլոր սրտով ուրախ եւ զուարթ եղի՛ր,

Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ։

15 Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ,

Քու թշնամիդ վռնտեց.

Իսրայէլի թագաւորը՝ Տէրը՝ քու մէջդ է,

Անգամ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։

16 Այն օրը Երուսաղէմին պիտի ըսուի՝ ‘Մի՛ վախնար’

Ու Սիօնին՝ ‘Ձեռքերդ թող չթուլնան’։

17 Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է,

Անիկա քեզ պիտի փրկէ։

Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ

Ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ

Եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։

18 «Հանդիսաւոր օրուան մը նման քեզմէ ցրուածները պիտի հաւաքեմ

Ու նախատինքը քեզմէ պիտի հեռացնեմ։

19 Ահա ես այն ժամանակ բոլոր քեզ նեղողները պիտի սպառեմ։

Կաղը պիտի ազատեմ ու վռնտուածը պիտի հաւաքեմ։

Զանոնք գովելի ու անուանի պիտի ընեմ

Այն բոլոր երկիրներուն մէջ ուր նախատինք կրեր էին։

20 Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ,

Այն ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ

Եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ,

Երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։