ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՏԻՏՈՍ

ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՏԻՏՈՍ

1 1 Պօղոս՝ Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ կանչուած Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքն ու ճշմարտութեան գիտութիւնը առաջնորդելու, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է, Յաւիտենական կեանքի յոյսով, որ անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ Եւ իր ժամանակին իր խօսքին քարոզութեամբ յայտնեց, որ ինծի յանձնուեցաւ մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանովը, Տիտոսին իմ հարազատ որդիիս հասարակաց հաւատքովը՝ շնորհք եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու մեր Փրկչէն, Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

ՏԻՏՈՍԻՆ ԳՈՐԾԸ ԿՐԵՏԷԻ ՄԷՋ

Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես, ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի. Եթէ մէկը անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր, հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան։ Վասն զի եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ Աստուծոյ տնտեսին պէս. ո՛չ յանդուգն, ո՛չ բարկացող, ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող, Հապա հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ, Հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէս զի կարող ըլլայ ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել եւ հակառակ կեցողները յանդիմանել։ 10 Քանզի շատ են անհնազանդները, ունայնութիւն խօսողները ու խաբողները, մանաւանդ անոնք որ թլփատութենէն են. 11 Անոնք պէտք է պապանձեցնել, քանի որ ամբողջ տուներ կը կործանեն ու անպատեհ բաներ կը սորվեցնեն անարգ շահախնդրութեան համար. 12 Անոնցմէ մէկը՝ որ իրենց բուն մարգարէն էր՝ ըսաւ. «Կրետացիները միշտ ստախօս են, չար գազաններ, դատարկապորտներ»։ 13 Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. անոր համար սաստիկ յանդիմանէ՛ զանոնք, որպէս զի առողջանան հաւատքի մէջ 14 Ու չնային Հրէական առասպելներուն եւ ճշմարտութենէն հեռացող մարդոց պատուէրներուն։ 15 Ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են։ 16 Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան, պիղծ ու անհնազանդ ըլլալով եւ ամէն բարի գործի՝ անպիտան։

ՈՂՋԱՄԻՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

2 1 Սորվեցուր ինչ որ կը վայլէ ողջամիտ վարդապետութեան։ Ծերերուն՝ զգաստ ըլլալ, ծանրաբարոյ, խոհեմ, ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով, համբերութիւնով։ Նոյնպէս ալ պառաւներուն այնպիսի վարմունք ունենալ, ինչպէս կը վայլէ սրբութեան. ո՛չ բանսարկու ըլլալ, ո՛չ գինեմոլ, հապա բարի խրատ տուող. Որ խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէս զի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, Խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ, որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի։ Նոյնպէս ալ երիտասարդները յորդորէ խոհեմ ըլլալ։ Ամէն կողմէ քու անձդ բարի գործերու օրինակ ցուցնելով, վարդապետութեան մէջ անեղծութիւն. պարկեշտութիւն, Ողջամիտ ու անմեղադրելի խօսք, որպէս զի հակառակ կեցողը ամչնայ ու մեր վրայով գէշ բան մը չկրնայ ըսել։ Ծառաներուն սորվեցուր իրենց տէրերուն հնազանդ ըլլալ եւ ամէն բանի մէջ հաճելի՝ ո՛չ հակառակախօսներ, 10 Ո՛չ խորողներ, հապա կատարեալ հաւատարմութիւն ցուցնեն, որպէս զի մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարեն։ 11 Քանզի Աստուծոյ փրկարար շնորհքը բոլոր մարդոց երեւցաւ։ 12 Ան մեզ կը խրատէ՝ որպէս զի ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ։ 13 Ու սպասենք այն երջանիկ յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին փառքին յայտնուելուն։ 14 Ան իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր։ 15 Այդ բաները ըսէ՛ եւ յորդորէ՛ ու յանդիմանէ՛ սաստելով։ Չըլլայ թէ մէկը քեզ անարգէ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

3 1 Յորդորէ՛, որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուին. Մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն։ Վասն զի մենք ալ ատեն մը անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ եւ զանազան ցանկութիւններու ու հեշտութիւններու կը ծառայէինք, չարութիւնով ու նախանձով կը վարուէինք, ատելի էինք եւ մէկզմէկ կ’ատէինք, Բայց երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնուեցաւ, Ո՛չ թէ արդարութեան գործերէն՝ որոնք մենք ըրինք, հապա իր ողորմութեան համաձայն մեզ փրկեց նորէն ծնանելու աւազանին միջոցաւ ու Սուրբ Հոգիին նորոգելովը։

Որը Աստուած առատ թափեց մեր վրայ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկչին ձեռքով, Որպէս զի անոր շնորհքովը արդարացած՝ յաւիտենական կեանքին յոյսով ժառանգորդ ըլլանք։ Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ կ’ուզեմ որ ասոնք հաստատես, որպէս զի Աստուծոյ հաւատացողները աշխատին բարի գործեր կատարել։ Ասոնք են բարի ու մարդոց օգտակար բաները։ Բայց դուն յիմարական վէճերէն ու ազգահամարներէն ու հակառակութիւններէն եւ օրէնքի վրայով եղած կռիւներէն մէկդի՛ կեցիր, վասն զի անօգուտ են ու սնոտի։ 10 Հերձուածող մարդէ՝ առաջին ու երկրորդ անգամ խրատելէ յետոյ՝ ետ քաշուէ, 11 Գիտնալով որ այնպիսին խոտորած է եւ մեղք կը գործէ ինքզինք դատապարտելով։

ՎԵՐՋԻՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

12 Երբ Արտեմանը կամ Տիւքիկոսը քեզի ղրկեմ, ջանա՛ ինծի գալ Նիկոպոլիս, վասն զի միտքս դրի ձմեռը հոն անցընել։ 13 Զենաս օրինականը ու Ապողոսը փութով ճամբայ դիր, հոգ տանելով որ անոնց բան մը չպակսի։ 14 Եւ մերիններն ալ թող սորվին բարի գործեր ընել պէտք եղած պարագաներուն մէջ, որպէս զի անպտուղ չըլլան։ 15 Բարեւ կ’ընեն քեզի ամէնքն ալ որ ինծի հետ են. բարեւ տուր անոնց որ մեզ կը սիրեն հաւատքով։ Շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։