ԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ

ԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ

1 1 Պօղոս ու Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով։ Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

ԴԱՏԱՍՏԱՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ

Պարտինք ամէն ատեն Աստուծմէ գոհանալ ձեզի համար, եղբայրներ, ինչպէս կը վայլէ. քանզի ձեր հաւատքը շատ աճելու վրայ է եւ ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ. Այնպէս որ մենք ալ ձեզմով կը պարծենանք Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր համբերութեանը ու հաւատքին համար ձեր բոլոր հալածանքներուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ որոնց կը համբերէք. Որ Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէս զի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեանը, որուն համար նեղութիւն ալ կը կրէք։ Քանզի Աստուծոյ առջեւ իրաւունք է ձեզի նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն հատուցանելը Եւ ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը, Բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր. Որոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով եւ պիտի վտարուին Տէրոջը երեսէն ու անոր զօրութեանը փառքէն, 10 Երբ ինք գայ փառաւորուելու իր սուրբերուն մէջ եւ այն օրը հիանալի ըլլալու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ, վասն զի մեր վկայութեան հաւատացիք։ 11 Այս պատճառով ալ ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք կ’ընենք, որ մեր Աստուածը ձեզ արժանի ընէ ձեր կոչումին եւ մինչեւ լրացնէ ձեր բոլոր փափաքները եւ հաւատքին գործը՝ զօրութիւնով, 12 Որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը փառաւորուի ձեր մէջ եւ դուք ալ անոր մէջ՝ մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքին համեմատ։

ՉԱՐԵՐԸ

2 1 Կ’աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալուստին ու մեր անոր քով հաւաքուելուն համար, Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն ու չըլլայ որ խռովիք՝ ո՛չ հոգիով ու ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ թուղթով մը իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսին օրը եկած հասած է։ Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ կերպով մը. վասն զի այն օրը պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ ու յայտնուի անօրէնութեան մարդը, կորստեան որդին, Այն հակառակորդը հպարտացած ամենուն վրայ, որ աստուած պիտի կոչուի կամ պաշտուի, մինչեւ իսկ Աստուծոյ տաճարին մէջ պիտի նստի եւ ինքզինք ցուցնէ իբր աստուած։ Չէ՞ք յիշեր թէ երբ ձեր քով էի, այս բաները կ’ըսէի ձեզի։ Եւ հիմա դուք ինքնիրեննիդ գիտէք ի՛նչ բան կ’արգիլէ, որպէս զի ինք իր ատենին յայտնուի։ Վասն զի անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը գործէ. բայց ան որ հիմա կ’արգիլէ, պիտի արգիլէ՝ մինչեւ ինք մէջտեղէն վերնայ։ Ու ետքը պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը [Յիսուս] իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ։ Անօրէնին գալը Սատանային ազդեցութիւնովն է, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով 10 Եւ կորսուածներուն վրայ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը։ Քանի որ անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին որ փրկուին, 11 անոր համար Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց զօրաւոր մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան. 12 2։11 Որպէս զի դատապարտուին ամէն անոնք, որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա անօրէնութեան յօժարեցան։

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԷՔ

13 2։12 Բայց մենք պէտք է միշտ Աստուծմէ գոհանանք ձեզի համար, Տէրոջմէ սիրուած եղբայրներ, վասն զի Աստուած սկիզբէն ձեզ ընտրեց փրկուելու՝ Հոգիին սրբելովը ու ճշմարտութեան հաւատքովը. 14 2։13 Որուն ձեզ կանչեց մեր աւետարանելովը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին փառքը ստանալու համար։

15 2։14 Ուստի, եղբա՛յրներ, հաստատ կեցէք ու պի՛նդ բռնեցէք այն աւանդութիւնները որոնք սորվեցաք թէ՛ խօսքով ու թէ՛ մեր թուղթովը։ 16 2։15 Եւ ինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, 17 2։16 Ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ։

ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵՑԷՔ

3 1 Վերջապէս, եղբա՛յրներ, մեզի համար աղօթեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը խօսքը յառաջանայ ու փառաւորուի ամէն տեղ՝ ինչպէս ձեր մէջ։ Որպէս զի անիրաւ ու չար մարդոցմէ ազատինք, վասն զի ամէնքը հաւատք չունին։ Բայց Տէրը հաւատարիմ է եւ ձեզ պիտի հաստատէ ու չարէն պահէ։ Ձեր վրայ վստահութիւն ունինք Տէրոջմով, թէ ինչ որ ձեզի պատուիրեցինք՝ կ’ընէք ու պիտի ընէք ալ։ Եւ Տէրը ձեր սրտերը դէպի Աստուծոյ սիրոյն ու Քրիստոսին համբերութեանը ուղղէ։

ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՀԱՐԿԱԴՐԱՆՔ

Ձեզի կը պատուիրենք, եղբա՛յրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ ե՛տ քաշուիք ամէն եղբօրմէ, որ անկարգութեամբ կը վարուի ու ոչ թէ այն աւանդութեանը պէս՝ որը մեզմէ առիք։ Վասն զի դուք ինքնիրեննիդ գիտէք թէ պէտք է մեզի նմանիք քանզի մենք ձեզի հետ ծուլութեամբ չվարուեցանք, Ոչ ալ մէկուն հացը ձրի կերանք. հապա ջանքով եւ աշխատանքով գիշեր ու ցորեկ կը գործէինք՝ ձեզմէ մէկո՛ւն նեղութիւն չտալու համար. Ոչ թէ մենք իշխանութիւն չունէինք, այլ անձերնիս ձեզի օրինակ ըրինք՝ որպէս զի մեզի նմանիք։ 10 Վասն զի երբ մենք ձեր քով էինք ձեզի կ’ըսէինք, թէ «Ան որ չ’ուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ»։ 11 Արդ՝ կը լսենք թէ ձեր մէջէն ոմանք ծուլութեամբ կը վարուին ու չեն գործեր, հապա ծոյլ ծոյլ կը պտըտին։ 12 Այնպիսիներուն կը պատուիրենք ու կ’աղաչենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով, որ հանդարտութեամբ գործեն եւ իրենց հացը ուտեն։ 13 Բայց դո՛ւք, եղբա՛յրներ, մի՛ ձանձրանաք բարիք գործելէ։ 14 Եթէ մէկը չի հնազանդիր այս թուղթին մէջ մեր ըսած խօսքին՝ դուք նշանակեցէք զանիկա ու անոր հետ մի՛ խառնուիք, որպէս զի ամչնայ։ 15 Բայց չըլլայ թէ թշնամի սեպէք զանիկա, հապա եղբօր պէս խրատեցէ՛ք։ 16 Եւ ինքը՝ խաղաղութեան Տէրը՝ ամէն կերպով ձեզի խաղաղութիւն տայ ամէն ատեն. Տէրը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։

ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ

17 Այս ողջոյնը իմ ձեռքիս՝ Պօղոսինն է, որ ամէն թուղթերու մէջ նշան է. այսպէս կը գրեմ։ 18 Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։