ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ

ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԻՐ ՈՐԴԻԻՆ ՄԻՋՈՑՈՎ

1 1 Շատ ձեւերով ու շատ կերպերով կանխաւ խօսած է Աստուած հայրերուն հետ՝ մարգարէներով։ Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, որը ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ, որով աշխարհն ալ ստեղծեց։ Ան իր փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը։ Ան իր զօրութեան խօսքովը ամէն բան կը բռնէ։ Իր անձով մեր մեղքերը սրբեց եւ նստաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը։

ՈՐԴԻՆ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԷՆ ՄԵԾ Է

Այնչափ բարձր եղաւ հրեշտակներէն, որչափ իր ժառանգած անունը բարձր է անոնց անուններէն։ Վասն զի հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ» եւ դարձեալ՝ «Ես անոր Հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի Որդի պիտի ըլլայ»։ Եւ դարձեալ՝ երբ անդրանիկը աշխարհ կը մտցնէ՝ կ’ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ անոր երկրպագութիւն թող ընեն»։ Եւ հրեշտակներուն համար կ’ըսէ. «Որ իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց»։ Սակայն Որդիին համար կ’ըսէ. «Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է. Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի»։ 10 Եւ՝ «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր ու երկինք քու ձեռքերուդ գործն է. 11 Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս ու մնաս ու բոլորը լաթի պէս պիտի մաշին 12 Ու վերարկուի պէս պիտի գալարես զանոնք եւ պիտի փոխուին, բայց դուն նոյն ինքն ես ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»։ 13 Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Իմ աջ կողմս նստէ՛, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ»։ 14 Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն։

ՄԵԾ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

2 1 Անոր համար պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք։ Վասն զի եթէ այն խօսքը որ հրեշտակներուն ձեռքով ըսուեցաւ, հաստատուն եղաւ եւ ամէն յանցանք ու անհնազանդութիւն արդար հատուցում առին, Հապա մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք՝ եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը մասին, որ նախ Տէրոջմէն հռչակուեցաւ ու լսողներուն ձեռքով հաստատուեցաւ. Աստուած ալ վկայեց նշաններով ու հրաշքներով եւ զանազան զօրութիւններով ու Սուրբ Հոգիին պարգեւներովը, ինչպէս ինք կամեցաւ։

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Վասն զի ո՛չ թէ հրեշտակներուն հնազանդեցուց այն գալու աշխարհը, որուն վրայով մենք կը խօսինք. Հապա մէկը տեղ մը վկայեց ու ըսաւ. «Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես կամ մարդու որդին՝ որ անոր այցելութիւն կ’ընես։ Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն. փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա եւ քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ կեցուցիր զանիկա, Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուցիր»։ Ուստի ամէնքը անոր հնազանդեցուց, անոր չհնազանդող բան չձգեց. բայց հիմա ամէնքը անոր հնազանդած չենք տեսներ։ Սակայն Յիսուսը փառքով ու պատուով պսակուած կը տեսնենք՝ որ հրեշտակներէն քիչ մը վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէս զի Աստուծոյ շնորհքովը ամենուն համար մահ ճաշակէ։ 10 Որովհետեւ կը վայլէ, որ Ան (որուն համար եւ որով եղան բոլոր բաները) շատ որդիներ փառքը մտնելու համար, իրենց փրկութեան առաջնորդը չարչարանքով կատարեալ ընէ։

11 Վասն զի ան որ կը սրբէ ու ան որ կը սրբուի, ամէնքն ալ մէկէ են. անոր համար ինք ամօթ չի սեպեր եղբայր կոչել զանոնք՝ ըսելով. 12 «Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ»։ 13 Եւ դարձեալ՝ «Ես Աստուծոյ պիտի յուսամ» եւ դարձեալ՝ «Ահա ես ու այն զաւակները, որոնք Աստուած ինծի տուաւ»։ 14 Որովհետեւ զաւակները մարմնին ու արիւնին հաղորդակցեցան, ինքն ալ անոնց բաժնեկից եղաւ, որպէս զի իր մահովը փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Սատանան 15 Եւ ազատէ զանոնք որ մահուան վախովը միշտ ծառայութեան մէջ կ’ապրէին։ 16 Քանզի բնաւ հրեշտակներուն չ’օգներ, հապա Աբրահամին սերունդին կ’օգնէ։ 17 Անոր համար ան պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ, ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար։ 18 Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ։

ՅԻՍՈՒՍ ՄՈՎՍԷՍԷՆ ՄԵԾ Է

3 1 Սո՛ւրբ եղբայրներ, երկնային կոչումին մասնակիցներ, նայեցէ՛ք մեր դաւանութեանը Առաքեալին ու Քահանայապետին, Քրիստոս Յիսուսին, Որ հաւատարիմ է Աստուծոյ, որ զինք դրաւ, ինչպէս Մովսէս ալ՝ անոր բոլոր տանը մէջ։ Վասն զի ինք Մովսէսէն այնչափ աւելի փառքի արժանացաւ, որչափ աւելի պատիւ կ’ունենայ տանը շինողը քան՝ տունը։ Քանզի ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է։ Եւ յիրաւի Մովսէս անոր բոլոր տանը մէջ հաւատարիմ էր ծառայի մը պէս՝ ըսուածներուն վկայ ըլլալու համար. Բայց Քրիստոս՝ որդիի մը պէս իր տանը վրայ, որուն տունը մենք ենք, միայն թէ այն համարձակութիւնը եւ յոյսին պարծանքը մինչեւ վերջը հաստատ բռնենք։

ՀԱՆԳԻՍՏ ՄԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ուստի, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին՝ «Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք. Ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս՝ անապատին մէջ փորձութեան օրը՝ Ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին, քննեցին զիս, թէպէտեւ քառասուն տարի իմ գործերս տեսան։ 10 Անոր համար զզուեցայ այն ազգէն ու ըսի. ‘Միշտ մոլորեցան իրենց սրտով եւ իմ ճամբաներս չճանչցան անոնք’. 11 Ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ 12 Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ։ 13 Հապա ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք, քանի որ «Այսօր» կ’ըսուի, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը։ 14 Քանզի մենք Քրիստոսին մասնակից եղած ենք, միայն թէ այն հաստատութեան սկիզբը մինչեւ վերջը պինդ բռնենք. 15 Քանի որ կ’ըսուի. «Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս»։ 16 Քանզի ոմանք լսեցին ու բարկացուցին, բայց ոչ ամէնքը, որ Եգիպտոսէն ելած էին Մովսէսին ձեռքով։ 17 Որոնցմէ՞ զզուեցաւ այն քառասուն տարին. չէ՞ որ մեղանչողներէն, որոնց ոսկորները անապատին մէջ ինկան։ 18 Եւ որո՞նց համար երդում ըրաւ իր հանգիստը չմտցնել, եթէ ոչ՝ անհաւատներուն համար։ 19 Եւ իրաւամբ չկրցան մտնել՝ իրենց անհաւատութեանը պատճառով։

4 1 Ուրեմն վախնանք, որ չըլլայ թէ անոր հանգիստը մտնելու խոստումէն, որ մեզի մնացեր է, ձեզմէ մէկը զրկուի։ Վասն զի մենք ալ անոնց պէս աւետիս առած ենք. բայց անոնց շահ մը չըրաւ այն խօսքը լսելը, քանզի հաւատքով ընդունուած չէր լսողներէն։ Իսկ մենք որ հաւատացինք, հանգիստը պիտի մտնենք. ինչպէս ըսաւ. «Ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ Թէեւ իր գործերը աշխարհի սկիզբէն լրացած էին։ Վասն զի գիրքը այսպէս կ’ըսէ տեղ մը եօթներորդ օրուան համար. «Աստուած եօթներորդ օրը հանգչեցաւ իր բոլոր գործերէն»։ Ու հոս նորէն կ’ըսէ. «Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ Ուստի ոմանք հոն պիտի մտնեն։ Բայց անոնք որ նախապէս աւետիսը առած էին, անհաւատութեան համար չմտան։ Նորէն օր մը կը սահմանէ ու կ’ըսէ. «Այսօր»ը Դաւիթին բերնով այնքան ժամանակէ յետոյ, ինչպէս ըսուեցաւ. «Այսօր, եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք»։ Վասն զի եթէ Յեսու հանգչեցուցած ըլլար զանոնք, ա՛լ անկէ ետքը ուրիշ օրուան համար չէր ըսուեր։ Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։ 10 Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն։ 11 Ուրեմն ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ։ 12 Վասն զի Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները։ 13 Չկայ արարած մը որ անոր դէմ չերեւնայ, հապա ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԵԾ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ

14 Արդ՝ մենք որ մեծ Քահանայապետ մը ունինք երկինքը գացած, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ ամուր բռնենք մեր դաւանութիւնը։ 15 Քանզի ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի։ 16 Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու։

5 1 Վասն զի ամէն քահանայապետ մարդոց մէջէն առնուած՝ մարդոց համար կը կենայ Աստուծմէ կանչուած, որպէս զի պատարագներ ու զոհեր մատուցանէ մեղքերու համար Եւ կրնայ կարեկցիլ անոնց՝ որ տգէտ ու մոլորեալ են, վասն զի ինք ալ տկարութիւնով պաշարուած է Եւ այս պատճառով պարտաւոր է ինչպէս ժողովուրդին համար՝ նոյնպէս իր անձին համար ալ մեղքի պատարագ մատուցանել։ Մէկը ինքնիրմէ այս պատիւը չ’առներ, հապա ան՝ որ Աստուծմէ կանչուած է, ինչպէս Ահարոն։ Նոյնպէս ալ Քրիստոս ո՛չ թէ իր անձը մեծարեց քահանայապետ ըլլալու, հապա անիկա՝ որ ըսաւ իրեն. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ». Ինչպէս ուրիշ տեղ մըն ալ կ’ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։ Որ իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով Թէպէտ ինք Որդի է, բայց իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ։ Երբ կատարեալ եղաւ, բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ 10 Ու Աստուծմէ կոչուեցաւ Քահանայապետ Մելքիսեդեկի կարգին պէս։

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՀԱՒԱՏՔԸ ԼՔԵԼԷ

11 Որուն վրայով շատ ըսելիք ունինք, որ դժուար է մեկնել, վասն զի ձեր լսելիքները բթացած են. 12 Վասն զի թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի։ 13 Քանզի այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է։ 14 Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել։

6 1 Ուստի, Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք, առանց նորէն հիմ ձգելով մեռած գործերէն ապաշխարելու, առ Աստուած հաւատք ունենալու, Մկրտութիւններուն վարդապետութեանը, ձեռք դնելուն, մեռելներուն յարութեանը, յաւիտենական դատաստանին։ Ասոնք պիտի ընենք՝ եթէ Աստուած հրաման տայ Վասն զի անհնար է մէկ անգամ լուսաւորուածներուն՝ որոնք երկնաւոր պարգեւին համը առին, Սուրբ Հոգիին հաղորդակից եղան, Աստուծոյ բարի խօսքին ու գալու աշխարհին զօրութիւններուն համը առին Որ եթէ իյնան՝ նորէն ապաշխարութիւնով նորոգուին. որովհետեւ կրկին Աստուծոյ Որդին խաչը կը հանեն իրենց անձին ու կը խայտառակեն։ Վասն զի այն երկիրը, որ իր վրայ շատ անգամ եկած անձրեւը կը խմէ եւ արդիւնք կը բերէ պիտանի անոնց՝ որոնց համար կը մշակուի, Աստուծմէ օրհնութիւն կ’ընդունի. Բայց այն որ փուշեր ու տատասկներ կ’աճեցնէ՝ անպիտան է ու անէծքի արժանի եւ պիտի այրուի։ Իսկ մենք, սի՛րելիներ, ձեր վրայով լաւագոյն եւ փրկութեան վերաբերեալ յոյսեր ունինք, թէեւ այսպէս կը խօսինք։ 10 Քանզի Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք։

11 Բայց մենք կը բաղձանք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն ջանքը ցուցնէ յոյսը հաստատելու՝ մինչեւ վերջը։ 12 Որպէս զի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա՝ նմանիք անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՍՏԱՏ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

13 Վասն զի երբ Աստուած Աբրահամին խոստում ըրաւ, որովհետեւ իրմէ մեծը չկար՝ որ անոր վրայ երդում ընէր, 14 Իր անձին վրայ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Այո՛, օրհնելով պիտի օրհնեմ քեզ ու շատցնելով պիտի շատցնեմ քեզ»։ 15 Եւ Աբրահամ համբերելով խոստումին հասաւ։ 16 Քանզի մարդիկ իրենցմէ մեծին վրայ երդում կ’ընեն ու անոնց բոլոր հակառակութեանը հաստատ վճիռ տուողը երդումն է։ 17 Որով Աստուած իր խորհուրդին անփոփոխ ըլլալը ա՛լ աւելի ցուցնել ուզելով խոստումին ժառանգորդներուն, երդում ըրաւ. 18 Որպէս զի երկու անփոփոխելի բաներով, որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու, 19 Որ ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին, որ վարագոյրին ներսի կողմն ալ կը մտնէ. 20 Ուր Յիսուս իբրեւ առաջնորդ մտաւ մեզի համար՝ յաւիտենական Քահանայապետ ըլլալով Մելքիսեդեկին կարգին պէս։

ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ

7 1 Մելքիսեդեկը Սաղէմի թագաւորն էր, Բարձրեալն Աստուծոյ քահանան՝ որ Աբրահամը դիմաւորեց՝ երբ անիկա թագաւորներուն կոտորածէն կը դառնար ու օրհնեց զանիկա։ Աբրահամ ալ անոր տասանորդ տուաւ իր ստացուածքէն. որուն անունը նախ՝ Արդարութեան թագաւոր կը թարգմանուի, ետքը՝ Սաղէմի թագաւոր՝ որ է Խաղաղութեան թագաւոր, Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ո՛չ օրերուն սկիզբը կայ, ո՛չ ալ կեանքին վախճանը եւ Աստուծոյ Որդիին նման ըլլալով, կը կենայ ու կը մնայ միշտ քահանայ։

Արդ՝ նայեցէ՛ք թէ որչա՜փ մեծ մէկն էր անիկա, որուն Աբրահամ նահապետն ալ տասանորդ տուաւ աւարէն։ Ղեւիին որդիներէն եղողները, որոնք քահանայութիւն կ’առնեն, պատուէր ունին որ ժողովուրդէն տասանորդ առնեն օրէնքին համեմատ, այսինքն իրենց եղբայրներէն. թէպէտեւ անոնք Աբրահամին երանքէն ելեր են. Բայց անիկա, որուն ազգահամարը անոնցմէ չէր, Աբրահամէն տասանորդ առաւ ու օրհնեց զանիկա՝ որ խոստումներ առած էր։ Սակայն անհակառակելի բան մըն է, որ պզտիկը մեծէն կ’օրհնուի։

Հոս՝ մահկանացու մարդիկ տասանորդ կ’առնեն, բայց հոն՝ անիկա կ’առնէ, որուն համար վկայուած է թէ կենդանի է։ Կրնայ ըսուիլ թէ Ղեւին ալ, որ տասանորդ կ’առնէ, Աբրահամին ձեռքով տասանորդ տուաւ. 10 Վասն զի տակաւին իր հօրը երանքն էր, երբ Մելքիսեդեկ զանիկա դիմաւորեց։

11 Արդ՝ եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեան ձեռքով ըլլար, (որովհետեւ ժողովուրդը անոր ատենը օրէնքին տակ դրուեցաւ,) ալ ի՞նչ պէտք էր որ Մելքիսեդեկի կարգին պէս ուրիշ քահանայ մը ելլէ ու չըսուի Ահարոնի կարգին պէս։ 12 Արդ՝ քահանայութիւնը փոխուելուն պէս՝ հարկ էր որ օրէնքն ալ փոփոխութիւն կրէր։ 13 Եւ իրաւ եղաւ, վասն զի ան՝ որուն համար այսպէս կ’ըսուի, ուրիշ ցեղի կը պատկանէր եւ որմէ ոչ մէկը սեղանին մօտեցաւ. 14 Քանզի յայտնի է թէ Յուդայի ցեղէն յառաջ եկաւ մեր Տէրը։ Այդ ցեղին մասին Մովսէս բան մը չըսաւ քահանայութեան համար։

ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿԻՆ ՆՄԱՆ ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ ՄԸ

15 Ու ա՛լ աւելի յայտնի է որ փոխուեցաւ, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութիւնովը ուրիշ քահանայ մը ելաւ, 16 Որ ո՛չ թէ մարմնաւոր պատուէրին պէս եղաւ, հապա անվախճան կեանքին զօրութեանը պէս։ 17 Վասն զի կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։ 18 Քանզի առաջին պատուէրը կը խափանուի իր տկարութեանը ու անշահեկանութեանը համար, 19 Վասն զի օրէնքը բա՛ն մը կատարեալ չըրաւ, եւ անոր տեղ բերուեցաւ լաւագոյն յոյս մը՝ որով Աստուծոյ կը մօտենանք։

20 Որքան որ Յիսուս ոչ թէ առանց երդումի քահանայ եղաւ, (վասն զի անոնք առանց երդումի քահանայ եղած են. 21 Բայց ասիկա երդումով՝ անոր ձեռքով որ իրեն ըսաւ. «Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ, Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»,) 22 Այնքան աւելի աղէկ ուխտի մը երաշխաւոր եղաւ Յիսուս։

23 Շատ քահանաներ եղած են, քանի որ մահը արգելք եղած է, որ անոնք շարունակ քահանայ մնան։ 24 Բայց ասիկա յաւիտենական ըլլալուն համար, իր քահանայութիւնը անանցանելի է։ 25 Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար։

26 Վասն զի մեզի ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը վայլէր, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկնքէն վեր բարձրացած, 27 Որուն ամէն օր հարկաւոր չէ՝ ինչպէս միւս քահանայապետներուն՝ նախ իր մեղքերուն համար պատարագ մատուցանել ու ետքը ժողովուրդին մեղքերուն համար. վասն զի ինք մէկ անգամ ըրաւ ասիկա՝ իր անձը պատարագ մատուցանելով։ 28 Վասն զի օրէնքը տկարութիւնով պաշարուած մարդիկը քահանայապետ կը կարգէ, բայց երդումին խօսքը՝ որ օրէնքէն յետոյ էր, Որդին՝ որ յաւիտեան կատարեալ է։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԵՐ ՄԵԾ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ

8 1 Այս ըսուած խօսքերուն բովանդակութիւնը այս է։ Այնպիսի քահանայապետ մը ունինք մենք՝ որ երկինքը Աստուծոյ մեծութեանը աթոռին աջ կողմը նստաւ. Սրբարանին պաշտօնեայ, ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը։ Քանզի ամէն քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցանելու համար որոշուած է. ուստի հարկ է որ ասիկա ալ բան մը ունենայ մատուցանելու։ Որ եթէ երկրի վրայ ըլլար, քահանայ անգամ պիտի չըլլար, վասն զի կան քահանաներ՝ որոնք պատարագներ կը մատուցանեն օրէնքին համեմատ. Որոնք երկնային բաներուն նմանութիւնովը ու շուքովը կը ծառայեն, ինչպէս Մովսէսին հրամայուեցաւ, երբ խորանը պիտի շինէր. քանզի ըսաւ. «Նայէ որ լեռը քեզի ցուցուած օրինակին պէս շինես.» Բայց հիմա Յիսուս ա՛լ աւելի գերազանց պաշտօնի մը հասաւ, որչափ որ լաւագոյն խոստումներով հաստատուած լաւագոյն ուխտի մը միջնորդ է։

Վասն զի եթէ առաջինը անմեղադրելի ըլլար, ուստի երկրորդը պիտի չփնտռուէր։ Ուստի կը յանդիմանէ զանոնք ու կ’ըսէ. «‘Ահա օրեր պիտի գան’, կ’ըսէ Տէրը, ‘երբ Իսրայէլի տանը հետ ու Յուդայի տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ. Սակայն ո՛չ թէ այն ուխտին պէս՝ որ անոնց հայրերուն հետ ըրի, այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար, վասն զի անոնք իմ ուխտիս մէջ չկեցան, ես ալ անհոգ եղայ անոնց վրայով’, կ’ըսէ Տէրը։ 10 ‘Քանզի այս է այն ուխտը՝ որ Իսրայէլի տանը հետ պիտի ընեմ այն օրերէն յետոյ’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Իմ օրէնքներս անոնց մտքին մէջ պիտի դնեմ եւ անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ զանոնք ու ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ 11 Ու բնաւ պիտի չսորվեցնէ ոեւէ մէկը իր ընկերին, կամ իր եղբօրը, ըսելով. «Տէրը ճանչցիր». քանզի անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը զիս պիտի ճանչնան. 12 Վասն զի ես անոնց անիրաւութիւններուն պիտի ներեմ եւ անոնց մեղքերն ու անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ’»։

13 Նոր ուխտ ըսելով առաջինը հինցուց ու այն որ կը հիննայ եւ կը ծերանայ, ա՛լ կորուստի կը մօտենայ։

ԵՐԿՐԱՅԻՆ ՈՒ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

9 1 Արդարեւ առաջին ուխտն ալ ունէր պաշտամունքին կանոններն ու աշխարհային սուրբ տեղը։ Վասն զի առաջին խորանը, որ Սրբութիւն կը կոչուէր, այսպէս կազմուած էր։ Անոր մէջ կային աշտանակը ու սեղանը եւ առաջաւորութեան հացը։ Եւ երկրորդ վարագոյրին ետեւը այն խորանը՝ որ Սրբութիւն Սրբութեանց կը կոչուէր. Որուն մէջ էին ոսկի բուրվառը եւ ուխտին տապանակը՝ ամէն կողմէ ոսկիով պատուած՝ որուն մէջ էր ոսկիէ սափորը մանանայով լեցուն, Ահարոնին գաւազանը, որ ծաղկեցաւ եւ ուխտին տախտակները։ Անոր վրայէն փառաց քերովբէները՝ որ քաւութեան վրայ հովանի կ’ընէին, որոնց մասին պէտք չէ հիմա մէկիկ մէկիկ խօսիլ։

Ասոնք այսպէս կարգադրուած ըլլալով, քահանաները ամէն ատեն առաջին խորանը կը մտնէին՝ պաշտամունք կատարելու. Բայց երկրորդը՝ տարին անգամ մը միայն քահանայապետը կը մտնէր, բայց ո՛չ առանց արիւնի, որ իրեն համար ու ժողովուրդին մեղքերուն համար պիտի մատուցանէր. Սուրբ Հոգին կը ցուցնէր՝ թէ սրբարանին ճանապարհը յայտնի եղած չէր, քանի որ տակաւին առաջին խորանը կը կենար. Որ օրինակ մըն էր ներկայ ժամանակին համար, երբ պատարագներ ու զոհեր կը մատուցանուէին, որ խղճմտանքի կողմանէ չէին կրնար կատարեալ ընել պաշտօն մատուցանողը, հապա միայն կերակուրներով ու խմելիքներով 10 Եւ կերպ կերպ լուացումներով՝ մարմնական ծիսակատարութիւններ էին, որոնք մինչեւ ուղղութեան ատենը կը կենային։ 11 Բայց երբ Քրիստոս եկաւ, գալու բարիքներուն Քահանայապետը, աւելի մեծ ու կատարեալ եւ անձեռագործ խորանով, այսինքն անով որ այս ստեղծուածներէն չէ, 12 Ո՛չ ալ նոխազներու ու զուարակներու արիւնով, հապա իր արիւնովը մէկ անգամ սրբարանը մտաւ՝ յաւիտենական փրկութիւն ստանալով։ 13 Վասն զի եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը եւ երինջին մոխիրը սրսկուելով՝ պղծեալները կը սրբէր մարմնի մաքրութեան կողմանէ, 14 Ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսին արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին ձեռքով իր անձը անարատ պատարագ մատուցանեց Աստուծոյ, պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու։

15 Ասոր համար ինք նոր ուխտին միջնորդն է, որպէս զի իր մահը առաջին ուխտին ժամանակը գործուած յանցանքներուն քաւութեանը համար եղած ըլլալով, հրաւիրուածները յաւիտենական ժառանգութեան խոստումը առնեն։ 16 Քանզի ուր կտակ մը կայ, հարկ է որ կտակ ընողը մեռնի։ 17 Վասն զի կտակը մեռնելէն յետոյ հաստատ կ’ըլլայ. քանզի վաւերական չի սեպուիր այնքան ատեն որ կտակը ընողը ողջ է։ 18 Անոր համար առաջին ուխտն ալ առանց արիւնի չէր հաստատուեր։ 19 Վասն զի երբ Մովսէս օրէնքին բոլոր պատուէրները ժողովուրդին յայտնեց, ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը առնելով՝ ջուրով ու կարմիր բուրդով եւ զոպայով բուն գրքին եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ սրսկեց 20 Եւ ըսաւ. «Ասիկա է այն ուխտին արիւնը, որ Աստուած ձեզի պատուիրեց»։ 21 Եւ խորանին վրայ ու պաշտամունքի բոլոր գործիքներուն վրայ նոյնպէս սրսկեց արիւնը։ 22 Գրեթէ ամէն բան արիւնով կը մաքրուի օրէնքին նայելով ու արիւն չթափուած թողութիւն չ’ըլլար։

ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳՈՒԻԼԸ ՄԵՂՔԸ ԿԸ ՎԵՐՑՆԷ

23 Ուստի հարկ էր որ երկնաւոր բաներուն օրինակները ասոնցմով մաքրուէին. ուրեմն բուն երկնաւորները՝ ասոնցմէ աւելի աղէկ զոհերով։ 24 Քանզի Քրիստոս ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը մտաւ, որ ճշմարտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ. 25 Ո՛չ թէ՝ որպէս զի շատ անգամ իր անձը պատարագ մատուցանէ, ինչպէս քահանայապետը՝ որ ամէն տարի սրբարանը կը մտնէ իրը չեղած արիւնով. 26 Ապա թէ ոչ՝ պէտք է ինք աշխարհի սկիզբէն ի վեր շատ անգամ չարչարուէր. բայց հիմա մէկ անգամ դարեր անցնելէ վերջը՝ իր անձին պատարագովը յայտնուեցաւ՝ մեղքը մէկդի ձգելու համար։ 27 Եւ ինչպէս մարդոց սահմանուած է մէկ անգամ մեռնիլ ու անկէ ետքը դատաստան, 28 Նոյնպէս ալ Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար, բայց երկրորդ անգամին առանց մեղքի պիտի յայտնուի փրկութեան համար անո՛նց՝ որոնք անոր կը սպասեն։

10 1 Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է՛, ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը։ Ամէն տարի մատուցուած նոյն զոհերով երբեք չի կրնար կատարեալ ընել զանոնք, որ կը մօտենան։ Ապա թէ ոչ՝ պիտի չդադարէի՞ն մատուցուելէն, պաշտամունք մատուցանողներուն մէկ անգամ մաքրուելէն յետոյ ա՛լ մեղքի համար խղճի յանդիմանութիւն չէին ունենար։ Բայց անոնցմով ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ’ըլլայ. Վասն զի նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը չի կրնար մեղքերը ջնջել։ Անոր համար երբ աշխարհ եկաւ, ըսաւ. «‘Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր։ Ողջակէզներու ու մեղքի պատարագներու չհաւնեցար’։ Այն ատեն ըսի. ‘Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած’»։ Վերը կ’ըսէ. «Զոհ ու ընծայ եւ ողջակէզներ ու մեղքի պատարագներ չուզեցիր ու անոնց չհաւնեցար», որոնք օրէնքին համեմատ կը պատրաստուէին։ Ետքը կ’ըսէ. «Ահա կու գամ ես քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ Առաջինը կը հերքէ, որպէս զի երկրորդը հաստատէ։ 10 Անոր կամքով մենք ալ սրբուեցանք՝ Յիսուս Քրիստոսին մարմնին մէկ անգամ պատարագուելովը։

11 Ամէն քահանայ ամէն օր իր պաշտօնին մէջ կը կենայ եւ նոյն զոհերը շատ անգամ կը մատուցանէ, որոնք երբեք չեն կրնար մեղքերը ջնջել. 12 Բայց ասիկա մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ 13 Եւ անկէ յետոյ կը սպասէ, մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին։ 14 Վասն զի մէկ պատարագով մշտնջենապէս կատարեալ ըրաւ սրբուածները։

15 Սուրբ Հոգին ալ մեզի վկայութիւն կու տայ, քանզի առաջ ըսուածէն յետոյ. 16 «‘Այս է այն ուխտը՝ որ ես անոնց հետ պիտի ընեմ որ այն օրերէն յետոյ’, կ’ըսէ Տէրը, ‘իմ օրէնքներս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ ու անոնց մտքին մէջ պիտի գրեմ զանոնք’»։ 17 Ետքը կ’ըսէ. «Անոնց մեղքերը եւ անոնց անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ»։ 18 Ուստի երբ անոնց թողութիւն տրուեցաւ, ա՛լ մեղքի համար պատարագ պէտք չէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱՆՔ

19 Ուրեմն, եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը, 20 Այն նոր ու կենդանի ճամբովը՝ որ բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր մարմինը 21 Եւ մեծ քահանայ մը ունենալով Աստուծոյ տանը վրայ, 22 Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով, սրտերնիս չար խիղճէն մաքրուած ու մարմիննիս մաքուր ջրով լուացուած. 23 Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ։ 24 Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով 25 Եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։

26 Վասն զի եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար, 27 Հապա զարհուրելի սպասում մը դատաստանին ու կրակի բարկութիւն մը կը մնայ, որ պիտի լափէ հակառակորդները։ 28 Մէկը եթէ Մովսէսին օրէնքը անարգէր, առանց ողորմութեան երկու կամ երեք վկաներով՝ կը մեռցուէր. 29 Ալ ո՜րչափ սաստիկ պատիժի արժանի պիտի սեպուի կը կարծէք անիկա, որ Աստուծոյ Որդին ոտքի տակ առաւ եւ ուխտին արիւնը անմաքուր սեպեց, որով ինք սրբուեցաւ եւ շնորհներու Հոգին նախատեց։ 30 Քանզի կը ճանչնանք զանիկա որ ըսաւ. «Ի՛մս է վրէժխնդրութիւնը, ես պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը եւ դարձեալ. «Տէ՛րը պիտի դատէ իր ժողովուրդը»։ 31 Սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը։

32 Արդ՝ մտքերնիդ բերէք այն առաջին օրերը, որոնց մէջ լուսաւորուելէ յետոյ շատ սաստիկ չարչարանքներ կրեցիք. 33 Երբեմն նախատինքներով ու վիշտերով խայտառակուած, երբեմն ալ այնպիսի վիճակի մէջ եղողներուն միանալով։ 34 Վասն զի իմ կապերուս մէջ ինծի չարչարակից եղաք ու ձեր ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք, գիտնալով որ լաւագոյն եւ մնայուն ստացուածքներ ունիք ձեզի երկինքը։ 35 Ուստի ձեզմէ մի՛ ձգէք ձեր վստահութիւնը, որ մեծ վարձքի հատուցում ունի։ 36 Վասն զի պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք. 37 Քանզի «քիչ մը ատենէն» «ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ»։ 38 Եւ «արդարը հաւատքով պիտի ապրի» ու «եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի»։ 39 Բայց մենք ետ չենք քաշուիր որ կորսուինք, հապա կը հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի։

ՀԱՒԱՏՔ

11 1 Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է. Վասն զի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին։

Հաւատքով կ’իմանանք թէ աշխարհ Աստուծոյ խօսքովը հաստատուեցաւ ու աներեւոյթ բաներէն այս երեւցածները եղան։

Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը. վասն զի իր պատարագներուն համար Աստուծմէ վկայութիւն եղաւ իրեն եւ անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի։

Հաւատքով Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ ու տեղ մը չէր գտնուեր, վասն զի Աստուած փոխադրեց զանիկա. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր։ Բայց առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն։

Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար, որով աշխարհս դատապարտեց եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ։

Հաւատքով երբ Աբրահամ կանչուեցաւ, մտիկ ըրաւ ու գնաց այն տեղը, որ պիտի ժառանգէր եւ ելաւ գնաց ու չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։ Հաւատքով պանդխտացաւ աւետեաց երկրին մէջ որպէս թէ օտարութեան մէջ, վրաններու մէջ բնակեցաւ Իսահակին ու Յակոբին հետ մէկտեղ, որոնք իրեն հետ ժառանգորդ էին նոյն խոստումին. 10 Վասն զի ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է։

11 Հաւատքով ինք՝ Սառան՝ որդեծնութեան սերմը առնելու զօրութիւնը ընդունեց եւ ատենը անցած հասակի մէջ զաւակ ծնաւ. վասն զի հաւատարիմ սեպեց զանիկա որ խոստացած էր։ 12 Ուստի այն մէկէն ծնան, այն ալ մեռածի պէս, շատութեան կողմէ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքի աւազին պէս առանց համրանքի։

13 Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ։ 14 Քանզի անոնք որ այսպիսի բաներ կը խօսին, յայտնի կ’ընեն թէ գաւառ մը կը փնտռեն։ 15 Եւ յիրաւի եթէ զանիկա յիշէին՝ ուրկէ որ ելան, ժամանակ ունէին հոն դառնալու։ 16 Բայց հիմա լաւագոյն գաւառի մը կը փափաքին, այսինքն երկնաւորին. ուստի ամօթ չի սեպեր Աստուած անոնց Աստուածը կոչուիլը, վասն զի ինք անոնց քաղաք մը պատրաստեց։

17 Հաւատքով Աբրահամ իր փորձուած ատենը Իսահակը պատարագ մատուցանեց. թէեւ ինք խոստում առած էր, բայց իր մէկ հատիկ որդին կը մատուցանէր, 18 Որուն համար ըսուած էր. «Իսահակով քեզի սերունդ պիտի տրուի», 19 Քանզի Աբրահամ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել, ուստի որպէս նախատիպար ընդունեց զանիկա։

20 Հաւատքով Իսահակ գալու բաներուն վրայ մարգարէանալով՝ օրհնեց Յակոբն ու Եսաւը։ 21 Հաւատքով Յակոբ իր մեռնելու ատենը՝ Յովսէփին որդիներէն իւրաքանչիւրը օրհնեց ու երկրպագութիւն ըրաւ իր գաւազանին գլխուն վրայ յենելով։ 22 Հաւատքով Յովսէփ իր վախճանելու ատենը յիշեցուց Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելը ու իր ոսկորներուն համար պատուէր տուաւ։

23 Հաւատքով, երբ ծնաւ Մովսէս, իր ծնողներուն ձեռքով երեք ամիս գաղտուկ պահուեցաւ. վասն զի տղան գեղեցիկ տեսան ու չվախցան թագաւորին հրամանէն։ 24 Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ. 25 Քանզի աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել։ 26 Աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը. վասն զի դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին։ 27 Հաւատքով Եգիպտոսը թողուց ու չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասն զի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր։ 28 Հաւատքով ըրաւ զատիկը եւ արիւն սրսկելը, որպէս զի անդրանիկները սատկեցնողը իրեն չդպչի։

29 Հաւատքով Կարմիր ծովէն անցան, որպէս թէ ցամաքէ. որուն փորձը ընելով Եգիպտացիները ընկղմեցան։

30 Հաւատքով Երիքովի պարիսպները ինկան՝ եօթը օր անոնց բոլորտիքը պտըտելով։

31 Հաւատքով Ռախաբ պոռնիկը անհաւատներուն հետ չկորսուեցաւ, քանի որ լրտեսները խաղաղութեամբ ընդուներ էր։

32 Եւ ալ ի՞նչ ըսեմ. վասն զի ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ Գեդէօնին ու Բարակին եւ Սամփսոնին ու Յեփթայէին եւ Դաւիթին ու Սամուէլին եւ ուրիշ մարգարէներու համար. 33 Որոնք հաւատքով թագաւորութիւններու յաղթեցին, արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան, առիւծներու բերաններ գոցեցին, 34 Կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերնէ ազատեցան, տկարութենէ ուժովցան, պատերազմի մէջ զօրաւոր եղան, օտարներու բանակներ ցրուեցին. 35 Կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած. ոմանք չարչարուեցան եւ չընդունեցին ազատութիւնը, որպէս զի լաւագոյն յարութեան հասնին. 36 Ուրիշներ ալ նախատինքներու ու ծեծերու, նաեւ կապերու ու բանտերու փորձը առին. 37 Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձանքի մէջ ինկան, սրով սպաննուելով մեռան, ոչխարի մորթերով ու այծի մորթերով պտըտեցան, կարօտութիւն քաշելով, նեղը իյնալով, չարչարուելով, 38 Որոնց արժանի չէր աշխարհս, անապատներու ու լեռներու եւ այրերու ու երկրի խոռոչներու մէջ մոլորելով։

39 Եւ ասոնք հաւատքով վկայուած՝ խոստումը չառին. 40 Քանզի Աստուած մեզի համար աւելի աղէկ բան մը նախապատրաստեց, որպէս զի անոնք առանց մեզի չկատարուին։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ՀԱՅՐԸ

12 1 Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։

Արդ՝ միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք։ Տակաւին արիւն թափելու չափ պատերազմելով հակառակ չկեցաք մեղքին։ Մոռցաք այն յորդորը որ ձեզի հետ կը խօսի որպէս թէ որդիներու հետ. «Ո՛րդեակ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անկէ յանդիմանուելով՝ մի՛ թուլնար։ Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ եւ կը ծեծէ ամէն մէկ որդի որ կ’ընդունի»։ Եթէ խրատի համբերէք, Աստուած ձեզի հետ որպէս թէ որդիներու հետ պիտի վարուի. քանզի ո՞ր որդին է ան՝ որուն հայրը զինք չի պատժեր։ Իսկ եթէ դուք առանց խրատի ըլլաք, որուն ամէնքը մասնակից եղան, ուրեմն խո՛րթ էք դուք ու ո՛չ թէ որդիներ։ Նաեւ մարմնաւոր հայրերէն, որ մեզ կը խրատեն, կը պատկառինք, որչա՞փ աւելի պիտի հնազանդինք հոգիներուն Հօրը ու ապրինք։ 10 Վասն զի անոնք քիչ օրեր մեզ կը խրատեն իրենց հաճոյ երեւցածին պէս, բայց Աստուած մեր օգտին համար՝ որպէս զի իր սրբութեանը հաղորդակցինք։ 11 Յիրաւի ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն։

ՅՈՐԴՈՐԱՆՔ ԵՒ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

12 Ուստի թուլցած ձեռքերը ու տկար ծունկերը հաստատեցէ՛ք 13 Եւ շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն, որ չըլլայ թէ ան որ կաղ է՝ խոտորի, այլ՝ մանաւանդ բժշկուի։ 14 Խաղաղութեան ետեւէ եղէ՛ք ամենուն հետ եւ սրբութեան, առանց ասոր մէ՛կը պիտի չտեսնէ Տէրը։ 15 Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը Աստուծոյ շնորհքէն ետ մնայ. չըլլայ որ դառնութեան արմատ մը վեր երեւնալով՝ ձեզ նեղէ ու անով շատեր պղծուին. 16 Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց։ 17 Քանզի գիտէք որ՝ թէպէտ ետքը ուզեց օրհնութիւնը ժառանգել, բայց մերժուեցաւ. վասն զի ապաշխարութեան առիթ չգտաւ հօրը քով, թէպէտեւ արցունքով խնդրեց զանիկա։

18 Վասն զի դուք մօտեցած չէ՛ք շօշափելի լերանը, որ կրակով կը վառէր, ո՛չ ալ մէգին եւ խաւարին ու մրրիկին 19 Եւ փողին հնչուելուն ու խօսքերուն ձայնին, որ լսողները աղաչեցին որ անգամ մըն ալ այն խօսքը չրկրկնուի իրենց. 20 Վասն զի չէին կրնար դիմանալ հրամանին. «Եթէ գազան մըն ալ լերանը դպչի՝ պիտի քարկոծուի»։ 21 Այնպէս ահաւոր էր այն երեւոյթը՝ որ Մովսէս ըսաւ. «Սաստիկ կը վախնամ ու կը դողամ»։ 22 Բայց դուք Սիօն լերան մօտեցեր էք ու կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին եւ բիւրաւոր հրեշտակներուն 23 Ու երկինքը գրուած անդրանիկներուն հանդիսաւոր ժողովին ու եկեղեցիին եւ Աստուծոյ՝ որ ամենուն Դատաւորն է ու արդարներուն հոգիներուն՝ որոնք կատարելութեան հասեր են 24 Եւ Յիսուսին, որ նոր ուխտին միջնորդն է ու սրսկուելու արիւնին, որ Աբէլի արիւնէն աւելի աղէկ կը խօսի։

25 Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մերժէք զանիկա որ ձեզի կը խօսի. վասն զի եթէ անոնք երկրի վրայ Աստուծոյ պատգամները տուողը մերժելով չազատեցան, որչա՜փ աւելի մենք՝ եթէ երկնքէն խօսողէն երես դարձնենք. 26 Որուն ձայնը այն ատեն երկիրը շարժեց եւ հիմա խոստացեր է ու կ’ըսէ. «Նորէ՛ն պիտի շարժեմ, ո՛չ միայն երկիրը, հապա նաեւ երկինքը»։ 27 Եւ այն Նորէն բառը կը ցուցնէ թէ շարժուած բաները պիտի շարժին ու փոխուին, որպէս զի անշարժ բաները հաստատուն մնան։ 28 Ուստի անշարժ թագաւորութիւնը առած ըլլալով՝ ամուր բռնենք այն շնորհքը ու Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ. 29 Վասն զի մեր Աստուածը մաշող կրակ է։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՃԵՑՆԵԼ ԱՍՏՈՒԱԾ

13 1 Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ։ Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի անով ոմանք հրեշտակներ ընդունեցին առանց գիտնալու։ Մտքերնիդ ըլլան կապուածները, որպէս թէ անոնց հետ դուք ալ կապուած էք եւ չարչարուածները՝ որպէս թէ դուք ալ մարմնաւոր էք։ Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։ Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ». Այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։ Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ձեզի խօսեցան եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք։ Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս։

Կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներով մի՛ տարուբերիք, քանզի աղէկ է որ սիրտը շնորհքով հաստատուի ու ոչ թէ կերակուրներով, որոնցմէ օգուտ մը չունեցան անոնք որ այնպէս գացին։ 10 Սեղան մը ունինք մենք, ուրկէ իրաւունք չունին ուտելու անոնք որ խորանին ծառայութիւն կ’ընեն։ 11 Քանզի այն անասուններուն՝ որոնց արիւնը սուրբ տեղը կը տարուի մեղքի համար քահանայապետին ձեռքով՝ անոնց մարմինները բանակէն դուրս կ’այրուին. 12 Ուստի Յիսուս ալ, իր արիւնովը ժողովուրդը սրբելու համար, դռնէն դուրս չարչարուեցաւ։ 13 Ուրեմն եկէք իրեն ելլենք բանակէն դուրս, մեր վրայ առնելով անոր նախատինքը։ 14 Վասն զի մենք հոս մնայուն քաղաք չունինք, հապա հանդերձեալը կը փնտռենք։ 15 Ուստի անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։ 16 Իսկ բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի։ 17 Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ։ 18 Մեզի համար աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ։ 19 Եւ մանաւանդ կ’աղաչեմ որ այս ընէք, որպէս զի աւելի շուտով ձեզի դառնամ։

ՓԱԿՄԱՆ ԱՂՕԹՔ

20 Խաղաղութեան Աստուածը որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, որ յաւիտենական ուխտին արիւնովը ոչխարներուն մեծ Հովիւն է, 21 Ձեզ ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ իր կամքը ընելու եւ ձեր մէջ իր առջեւ հաճելի եղածը ընէ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, որուն փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ

22 Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբա՛յրներ, այս յորդորական խօսքիս համբերել, վասն զի համառօտաբար գրեցի ձեզի։ 23 Գիտցէք թէ մեր եղբայրը Տիմոթէոս արձակուած է, որուն հետ, եթէ շուտով գայ, պիտի տեսնեմ ձեզ։ 24 Բարեւ ըրէ՛ք ձեր բոլոր առաջնորդներուն ու բոլոր սուրբերուն. ձեզի բարեւ կ’ընեն անոնք որ Իտալիայէն են։ 25 13։24 Շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։