ԳԻՐՔ ՆԷԵՄԵԱՅ

ԳԻՐՔ ՆԷԵՄԵԱՅ

ՆԷԵՄԻԱՅԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՄԱՐ

1 1 Աքազիայի որդիին Նէեմիային խօսքերը.

«Քասղեւ ամսուան մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, երբ ես Շուշան մայրաքաղաքն էի, Անանի անունով եղբայրներէս մէկը ու քանի մը Յուդայի մարդիկ ինծի եկան։ Անոնց՝ գերութենէ ազատուած Հրեաներուն ու Երուսաղէմի մասին հարցուցի։ Եւ ինծի ըսին. ‘Գերութենէն ազատուածները գաւառին մէջ մեծ նեղութեան ու անարգութեան մէջ են ու Երուսաղէմի պարիսպը փլած եւ անոր դռները կրակով այրուած են’։

«Երբ այս խօսքերը լսեցի, նստայ լացի ու քանի մը օր սուգ բռնեցի եւ ծոմ պահելով երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրի Ու ըսի. ‘Ոհ, Տէ՛ր Աստուած երկնքի, որ մեծ ու ահեղ Աստուած ես ու քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ողորմութիւն կը ցուցնես, Կ’աղաչեմ, քու ականջներդ թող մտիկ ընեն ու աչքերդ թող բաց ըլլան, որպէս զի լսես քու ծառայիդ աղօթքը որ քու ծառաներուդ՝ Իսրայէլի որդիներուն՝ համար, հիմա ցորեկ ու գիշեր քեզի կը մատուցանեմ, խոստովանելով Իսրայէլի որդիներուն մեղքը, որով քեզի դէմ մեղանչեցինք. քանզի թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ հօրս տունը մեղք գործեցինք։ Արդարեւ մենք քու առջեւդ անօրէնութիւններ ըրինք ու քու ծառայիդ Մովսէսին տուած պատուիրանքներդ, կանոններդ ու օրէնքներդ չպահեցինք։ Սակայն, կ’աղաչեմ, յիշէ այն խօսքը, որ քու ծառայիդ Մովսէսին պատուիրեցիր. «Եթէ յանցանք ընէք՝ ես ձեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ. Իսկ եթէ ինծի դառնաք ու իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք կատարէք, ձեզմէ ցրուածները եթէ երկրի ծայրն ալ ըլլան, զանոնք անկէ պիտի հաւաքեմ ու այն տեղը պիտի տանիմ՝ որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար»։ 10 Եւ հիմա անոնք՝ քու մեծ ուժովդ ու զօրաւոր ձեռքովդ ազատուած ծառաներդ ու ժողովուրդդ են։ 11 Ո՜հ, Տէ՛ր, հիմա թող քու ականջդ լսէ քու ծառայիդ աղօթքը ու քու անունէդ վախնալու փափաք ունեցող ծառաներուդ աղօթքը եւ քու ծառայիդ յաջողութիւն տուր ու այս մարդուն առջեւ ինծի շնորհք գտնել տուր։ Վասն զի ես թագաւորին մատռուակն էի’»։

ՆԷԵՄԻԱ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ Կ’ԵՐԹԱՅ

2 1 Նիսան ամսուան մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, անոր առջեւ գինի կար։ Գինին առի ու թագաւորին տուի ու անոր առջեւ բնաւ տրտում չէի երեւցած։ Թագաւորը ինծի ըսաւ. «Ինչո՞ւ երեսդ տրտում է, քանի որ հիւանդ չես. ուրեմն ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց եթէ սրտի տրտմութիւն»։ Ես խիստ շատ վախցայ։ Այն ատեն թագաւորին ըսի. «Թագաւորը յաւիտեան ողջ կենայ. ի՞նչպէս իմ երեսս տրտում չըլլայ, երբ քաղաքը, ուր իմ հայրերուս գերեզմանը կը գտնուի՝ աւերուած է ու անոր դռները կրակով այրուած են»։ Թագաւորը ինծի ըսաւ. «Դուն ինձմէ ի՞նչ կը խնդրես ատոր համար»։ Այն ատեն երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրի Ու թագաւորին ըսի. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ ու եթէ քու ծառադ քու առջեւդ շնորհք գտաւ, զիս Հրէաստան ղրկէ իմ հայրերուս գերեզմաններուն քաղաքը, որպէս զի զանիկա շինեմ»։ Թագաւորը ինծի ըսաւ. (ու թագուհին անոր քով նստեր էր). «Քու ճամբորդութիւնդ ո՞րչափ ատեն պիտի տեւէ ու ե՞րբ պիտի դառնաս»։ Թագաւորին հաճոյ երեւցաւ, որ զիս ղրկէ։ Ես ալ անոր ժամանակ որոշեցի ու ըսի. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, ինծի նամակներ թող տրուին Գետին միւս կողմը եղող իշխաններուն, որպէս զի անցընեն, մինչեւ որ Հրէաստան երթամ։ Նամակ մըն ալ Ասափին, որ թագաւորական անտառին պահապանն է, որպէս զի ինծի փայտ տայ, Աստուծոյ տանը աշտարակին դռները եւ քաղաքին պարիսպը ու բնակելու տուն շինելու համար»։ Եւ թագաւորը խնդրանքներս ինծի տուաւ, վասն զի իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը իմ վրաս էր։

Գետին միւս կողմի իշխաններուն գացի ու թագաւորին նամակները անոնց տուի։ Թագաւորը ինծի հետ զօրապետներ ու ձիաւորներ ղրկած էր։ 10 Երբ Սանաբաղատ Որոնացին ու Ամմոնացի ծառան Տուբիան լսեցին, շատ նեղուեցան, որ Իսրայէլի որդիներուն աղէկութիւն ընելու համար մարդ մը եկաւ։ 11 Երուսաղէմ հասայ եւ հոն երեք օր մնացի։

12 Քանի մը մարդոց հետ գիշերով ելայ ու ինչ որ իմ Աստուածս սրտիս մէջ դրեր էր Երուսաղէմի համար ընելու, զանիկա մարդո՛ւ չըսի եւ ինծի հետ իմ հեծած անասունէս զատ ուրիշ անասուն մը չկար։ 13 Գիշերով Ձորի դռնէն, Վիշապի աղբիւրին առջեւէն, Աղբերու դուռը ելայ ու Երուսաղէմի փլած պարիսպներն ու կրակէն այրուած դռները զննեցի։ 14 Աղբիւրին դուռը ու թագաւորին աւազանը անցայ։ Տակս եղող անասունին անցնելու տեղ չկար։ 15 Գիշերով հեղեղատէն վեր ելայ ու պարիսպը զննեցի ու դարձայ, Ձորի դռնէն մտայ ու այսպէս նորէն իմ տեղս դարձայ։ 16 Ոստիկանները իմ ուր երթալս ու ինչ ընելս չիմացան ու Հրեաներուն կամ քահանաներուն կամ ազնուականներուն կամ ոստիկաններուն եւ կամ ուրիշներուն, որոնք կը գործէին, մինչեւ այն ատեն, բան չըսի։

17 Ետքը անոնց ըսի. «Դուք կը տեսնէք այս թշուառութիւնը, որուն մէջ կը գտնուինք եւ թէ ի՛նչպէս Երուսաղէմ աւերուած ու անոր դռները կրակով այրուած են։ Եկէք Երուսաղէմի պարիսպը շինենք, որպէս զի այսուհետեւ չնախատուինք»։ 18 Եւ իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը իմ վրաս ըլլալը ու թագաւորին ինծի ըսած խօսքերն ալ անոնց պատմեցի ու անոնք ըսին. «Ելլենք շինենք»։ Իրենց ձեռքերը ուժովցուցին այս բարի գործին համար։

19 Բայց Որոնացի Սանաբաղատն ու Ամմոնացի ծառան Տուբիան եւ Արաբացի Գեսամը լսելով՝ մեզ ծաղրեցին ու քամահրելով՝ ըսին. «Այս ձեր ըրած գործը ի՞նչ պիտի ըլլայ. միթէ դուք թագաւորէն ապստամբի՞լ կ’ուզէք»։ 20 Անոնց պատասխան տուի ու ըսի. «Երկնքի Աստուածը ինք մեզի յաջողութիւն պիտի տայ ու մենք, որ անոր ծառաներն ենք, պիտի ելլենք ու շինենք, բայց դուք Երուսաղէմի մէջ բաժին, իրաւունք ու յիշատակ չունիք»։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՐԻՍՊԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

3 1 Մեծ քահանան Եղիասիբն ու անոր քահանայ եղբայրները ելան ու Ոչխարներու դուռը շինեցին։ Անոնք զանիկա օծեցին եւ անոր փեղկերը կանգնեցուցին ու զանիկա մինչեւ Մէային աշտարակը, մինչեւ Անանայէլին աշտարակը օծեցին։ Անոր քով Երիքովի մարդիկը շինեցին ու անոնց քով Իմրիի որդին Զաքուրը շինեց։ Ձուկերու դուռը Սենաային որդիները շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին։ Անոնց քով Ակկուսին որդիին Ուրիային որդին Մերամօթը նորոգեց ու անոնց քով Մասիզեբէլի որդիին Բարաքիային որդին Մեսուղամը նորոգեց եւ անոնց քով Բաանային որդին Սադովկը նորոգեց։ Անոնց քով Թեկուացիները նորոգեցին. բայց անոնց մեծերը իրենց Տէրոջը գործին վիզերնին չծռեցին։ Հին դուռը Փասէին որդին Յովիադան ու Բասոդիային որդին Մեսուղամը նորոգեցին։ Անոնք զանիկա շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին։ Անոնց քով Գաբաւոնացի Մելատիան ու Մերոնոթացի Յադոն եւ Գաբաւոնի ու Մասփայի մարդիկը շինեցին՝ մինչեւ Գետին այս կողմը եղող իշխանին աթոռը։ Անոր քով ոսկերիչներէն Հարհայիային որդին Ոզիէլը նորոգեց ու անոր քով դեղագործներուն որդին Անանիան նորոգեց, բայց Երուսաղէմը՝ մինչեւ լայն պարիսպը՝ թողուցին։ Եւ անոնց քով Երուսաղէմի կէս մասին իշխանը՝ Ովրի որդին Հռափայիան նորոգեց։ 10 Անոնց քով ու իր տանը դէմ Հարումափին որդին Յեդայիան նորոգեց, անոր քով Ասաբանիային որդին Քետտուսը նորոգեց։ 11 Միւս բաժինը ու փուռերուն աշտարակը Հարիմին որդին Մեղքիան ու Փաաթ–Մովաբին որդին Ասուբը նորոգեցին։ 12 Անոր քով Երուսաղէմի կէս մասին իշխանը, Ալօեսի որդին Սեղղումը՝ ինք ու իր աղջիկները նորոգեցին։ 13 Ձորին դուռը Անոնն ու Զանովին բնակիչները նորոգեցին։ Անոնք զանիկա շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին ու պարիսպէն հազար կանգուն շինեցին մինչեւ Աղբերուն դուռը։ 14 Աղբերուն դուռը Բեթաքարմայի կողմերու իշխանը՝ Ռեքաբին որդին Մեղքիան նորոգեց ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուց։ 15 Աղբիւրին դուռը Մասփայի կողմերու իշխանը Քոլոզէին որդին Սեղղումը նորոգեց ու ծածկեց, անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուց ու թագաւորին պարտէզին մօտ եղող Սիլովային աւազանին պարիսպը մինչեւ Դաւիթին քաղաքէն իջնող աստիճանները շինեց։ 16 Անկէ ետքը Բեթսուրին կէս մասին իշխանը, Ազբուքին որդին Նէեմիան նորոգեց մինչեւ Դաւիթին գերեզմաններուն դէմը ու մինչեւ արուեստական աւազանը ու մինչեւ Բեթագաբարին։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ, ՈՐ ՊԱՐԻՍՊԻՆ ՎՐԱՅ ԱՇԽԱՏԵՑԱՆ

17 Անկէ ետքը Ղեւտացիները նորոգեցին։ Բանիին որդին Հռէումը, անոր քով Կէիլային կէս մասին իշխանը Ասաբիան իր տեղերը նորոգեց։ 18 Անկէ ետքը անոնց եղբայրները, Կէիլային կէս մասին իշխանը, Ենադադին որդին Բաւային նորոգեց։ 19 Անոր քով Մասփայի իշխանը, Յեսուին որդին Եզերը, միւս բաժինը նորոգեց, այսինքն պարսպին դարձուածքը, որ զինարանը ելլելու ճամբուն դէմ է։ 20 Անկէ ետքը միւս բաժինը, պարսպին դարձուածքէն մինչեւ մեծ քահանային Եղիասիբին տանը դուռը, Զաբբային որդին Բարուքը փութով նորոգեց։ 21 Անկէ ետքը միւս բաժինը՝ Եղիասիբին տանը դռնէն մինչեւ Եղիասիբին տանը ծայրը՝ Ակկուսի որդիին Ուրիայի որդին Մերամօթը նորոգեց։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ, ՈՐ ՊԱՐԻՍՊԻՆ ՎՐԱՅ ԱՇԽԱՏԵՑԱՆ

22 Անկէ ետքը քահանաները, դաշտաբնակները նորոգեցին։ 23 Անկէ ետքը Բենիամին ու Ասուբ իրենց տուներուն առջեւը նորոգեցին։ Անկէ ետքը Անանիային որդիին Մաասիային որդին Ազարիան իր տանը դէմը նորոգեց։ 24 Անկէ ետքը միւս բաժինը, Ազարիային տունէն մինչեւ պարսպին դարձուածքը, մինչեւ անկիւնը, Ենադադին որդին Բանուին նորոգեց։ 25 Ոզային որդին Փաղաղը պարսպին դարձուածքին դէմ ու բանտի գաւիթին քով եղող թագաւորին վերի պալատին դուրսի աշտարակը շինեց ու անոր ետեւէն Փարոսին որդին Փադայիան շինեց։ 26 Նաթանայիմները, որոնք Ոփաղ կը բնակէին, մինչեւ արեւելեան կողմը եղող Ջուրի դրանը դէմը ու դուրսի աշտարակը նորոգեցին։

ՈՒՐԻՇ ՇԻՆՈՂՆԵՐ

27 Անկէ ետքը միւս բաժինը, դուրսի մեծ աշտարակին առջեւէն մինչեւ Ոփաղին պարիսպը, Թեկուացիները նորոգեցին։ 28 Ձիերու դռնէն վեր քահանաները նորոգեցին։ Ամէն մարդ իր տանը առջեւը շինեց։ 29 Անկէ ետքը Եմմերին որդին Սադովկը իր տանը առջեւը նորոգեց ու անկէ ետքը արեւելեան դրանը պահապանը՝ Սեքենիային որդին Սեմայիան նորոգեց։ 30 Անկէ ետքը միւս բաժինը Սեղեմիային որդին Անանիան ու Սեղեփին վեցերորդ որդին Անոնը նորոգեցին։ Անկէ ետքը Բարաքիային որդին Մեսուղամը իր սենեակին առջեւը նորոգեց։ 31 Անկէ ետքը Սարեփիին որդին Մեղքիան, մինչեւ Նաթանայիմներուն ու վաճառականներուն տունը Մափկաթին դրանը առջեւը ու մինչեւ անկիւնը ելլելու տեղը նորոգեց։ 32 Անկիւնը ելլելու տեղէն մինչեւ Ոչխարներու դուռը ոսկերիչներն ու վաճառականները նորոգեցին։

ՆԷԵՄԻԱ ԻՐ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ

4 1 Երբ Սանաբաղատը լսեց, որ մենք պարիսպը կը շինենք, սիրտը նեղացաւ ու շատ սրդողելով Հրեաները ծաղր ըրաւ։ Իր եղբայրներուն ու Սամարիայի զօրքին առջեւ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս տկար Հրեաները ի՞նչ կը շինեն. միթէ թոյլտուութիւն կա՞յ. միթէ զո՞հ պիտի մատուցանեն ու այսօ՞ր լմնցնեն։ Միթէ այրուած քարերը փոշիի դէզերէն պիտի կենդանացնե՞ն»։ Ամմոնացի Տուբիան, որ անոր քով էր, ըսաւ. «Եթէ աղուէս մըն ալ ելլէ անոնց շինածին վրայ, անոնց քարէ պարիսպը պիտի փլցնէ»։

Ո՛վ մեր Աստուածը, լսէ՛, վասն զի նախատուեցանք ու անոնց նախատինքը իրենց գլուխը դարձուր ու զանոնք գերութեան երկրի մէջ աւարառութեան մատնէ Եւ անոնց անօրէնութիւնը մի՛ ծածկեր ու քու առջեւէդ անոնց մեղքը մի՛ ջնջեր. քանզի շինողներուն առջեւ քեզ բարկացուցին։

Մենք պարիսպը շինեցինք ու բոլոր պարիսպը մինչեւ կէսը հասաւ. վասն զի ժողովուրդը գործելու սիրտ ունէր։

Երբ Սանաբաղատն ու Տուբիան եւ Արաբացիներն ու Ամմոնացիները ու Ազովտացիները լսեցին, թէ Երուսաղէմի պարիսպներուն նորոգութիւնը յառաջ կ’երթայ ու փլած տեղերը սկսեր են շինուիլ, շատ սրդողեցան Եւ ամէնքը համաձայնեցան, որ գան Երուսաղէմի դէմ պատերազմին ու անոր վնասեն Բայց մենք մեր Աստուծոյն աղօթք ըրինք ու մեզ անոնցմէ պաշտպանուելու համար ցորեկ ու գիշեր պահապաններ դրինք։ 10 Յուդան ըսաւ. «Բեռնակիրներուն ոյժը հատաւ ու հողը շատ է. մենք պիտի չկրնանք պարիսպը շինել»։ 11 Ու մեր թշնամիները կ’ըսէին. «Թող չգիտնան ու չտեսնեն, մինչեւ մենք անոնց մէջ մտնենք ու զանոնք մեռցնենք եւ անոնց գործը խափանենք»։ 12 Բայց անոնց քով բնակող Հրեաները մեզի եկան եւ տասը անգամ մեզի ըսին. «Ամէն կողմէ, ուր որ կը բնակին, մեր վրայ պիտի յարձակին»։

13 Ուստի ցած տեղերը՝ պարսպին ետեւը ու բարձր տեղերը ժողովուրդը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ բաժնելով կեցուցի ու իրենց սուրերովը, նիզակներովն ու աղեղներովը կեցուցի։ 14 Նայեցայ ու ելայ եւ իշխաններուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնաք. յիշեցէ՛ք Տէրը, որ մեծ ու ահեղ է եւ ձեր եղբայրներուն, տղաքներուն, աղջիկներուն, կիներուն ու տուներուն համար պատերազմեցէ՛ք»։

15 Ահա մեր թշնամիները լսեցին, թէ մենք իմացեր ենք եւ Աստուած իրենց խորհուրդը խափանեց, մենք ամէնքս պարիսպը շինել սկսանք, ամէն մէկը իր գործին։ 16 Այն օրէն ի վեր իմ մարդոցս կէսը կ’աշխատէին ու կէսն ալ նիզակներ, ասպարներ, աղեղներ ու զրահներ կը բռնէին ու իշխանները Յուդայի բոլոր ազգատոհմերուն ետեւը կը կենային։ 17 Պարիսպը շինողներն ու բեռնակիրները ու բեռցնողները, ամէն մէկը իր մէկ ձեռքովը կ’աշխատէր ու միւս ձեռքովը զէնքը կը բռնէր։ 18 Շինողներէն իւրաքանչիւրը իր սուրը մէջքը կապած՝ կը գործէր ու փողահարը իմ քովս էր։ 19 Ազնուականներուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. «Այս գործը մեծ ու ընդարձակ է ու մենք պարսպին վրայ ցրուած ենք եւ իրարմէ հեռու ենք. 20 Ուստի փողին ձայնը երբ որ լսէք, մեր հաւաքատեղին հաւաքուեցէք. մեզի համար մեր Աստուածը պատերազմ պիտի ընէ»։ 21 Մենք այսպէս մեր գործը կ’ընէինք եւ ժողովուրդին կէսը, արշալոյսին ծագած ատենէն մինչեւ աստղերուն երեւցած ատենը, նիզակներ բռնած կը կենային։ 22 Այն ատեն ժողովուրդին ըսի. «Ամէն մարդ իր ծառային հետ գիշերները Երուսաղէմի մէջ թող մնայ, որպէս զի գիշերը մեզի համար պահպանութիւն ընէ ու ցորեկը գործէ»։ 23 Ես ու իմ եղբայրներս եւ իմ ծառաներս ու իմ ետեւէս եկող պահապան մարդիկը ամենեւին մեր հանդերձները չէինք հաներ՝ բացի լուացուելու ատենէն։

ԱՂՔԱՏԻՆ ՀԱՐՍՏԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

5 1 Ժողովուրդը ու անոնց կիները իրենց Հրեայ եղբայրներուն դէմ մեծ աղաղակ բարձրացուցին։ Ոմանք կ’ըսէին. «Մենք մեր տղաքներովն ու աղջիկներովը շատուոր ենք. երթանք ուտելիք ծախու առնենք, որպէս զի ուտենք ու ապրինք»։ Ոմանք ալ կ’ըսէին. «Մենք մեր արտերը, այգիներն ու տուները գրաւի կը դնենք, որպէս զի սովի համար ուտելիք ծախու առնենք»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Թագաւորին հարկ տալու համար մեր արտերն ու այգիները գրաւի դրինք ու ստակ փոխ առինք Ու հիմա մեր մարմինը մեր եղբայրներուն մարմնին պէս է ու մեր որդիները՝ անոնց որդիներուն պէս եւ ահա մենք մեր տղաքներն ու աղջիկները իբր ծառայ կը ծախենք եւ արդէն մեր աղջիկներէն աղախին ըլլալու ծախուածներ ալ կան ու բան մը ընելու կարող չենք. որովհետեւ մեր արտերն ու այգիները ուրիշներուն ձեռքն են»։

Երբ ես անոնց աղաղակն ու այս խօսքերը լսեցի, խիստ նեղուեցայ։ Մտքիս մէջ խորհելէ յետոյ՝ ազնուականներն ու ոստիկանները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Դուք ամէնքդ ալ ձեր եղբայրներէն վաշխ կ’առնէք»։ Անոնց դէմ մեծ ժողով մը գումարեցի։ Այն ատեն անոնց ըսի. «Մենք հեթանոսներուն ծախուած մեր Հրեայ եղբայրները մեր կարողութեան ներած չափով ծախու առինք ու հիմա դուք ձեր եղբայրները կը ծախէ՞ք, կամ անոնք պէ՞տք է մեզի ծախուին»։ Անոնք լռեցին ու չկրցան պատասխան տալ։ Ուստի ըսի. «Այդ ձեր ըրածը աղէկ բան չէ. պէտք չէ՞ որ մեր Աստուծոյն վախովը քալէք, որպէս զի մեր թշնամիներուն առջեւ խայտառակ չըլլանք։ 10 Ես ալ ու իմ եղբայրներս ու ծառաներս ալ ստակ ու ցորեն փոխ տուած ենք անոնց, բայց հիմա այս պարտքը անոնց կը շնորհենք։ 11 Ուստի ձեզի կ’աղաչեմ, որ այսօր անոնց ետ դարձնէք անոնց արտերը, այգիները, ձիթենիներն ու տուները. նաեւ ստակին, ցորենին, գինիին ու իւղին հարիւրէն մէկը, որ անոնցմէ կը պահանջէք»։ 12 Անոնք ըսին. «Ետ պիտի դարձնենք ու անոնցմէ բա՛ն մը պիտի չպահանջենք։ Ինչպէս ըսիր՝ այնպէս պիտի ընենք»։ Այն ատեն քահանաները կանչեցի ու անոնց երդում ընել տուի, որ այսպէս ընեն։ 13 Նաեւ հանդերձս թօթուեցի ու ըսի. «Ով որ այս բանը չկատարէ, իր տունէն ու վաստակէն Աստուած այսպէս թող թօթուէ, այսպէս թող թօթուուի ու պարպուի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն», ըսին ու Տէրը օրհնեցին ու ժողովուրդը ըսուածը կատարեց։

ՆԷԵՄԻԱՅԻՆ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

14 Յուդայի երկրին մէջ անոնց իշխանը եղած օրէս՝ Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարիէն մինչեւ երեսունըերկրորդ տարին տասնըերկու տարի՝ թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ եղբայրներս իշխանութեան ռոճիկը չառինք։ 15 Բայց ինձմէ առաջ եղող նախորդ իշխանները ժողովուրդին բեռ կ’ըլլային ու անոնցմէ հաց ու գինի կ’առնէին՝ քառասուն սիկղ արծաթէ զատ։ Անոնց ծառաներն ալ ժողովուրդին վրայ կը բռնանային. բայց ես Աստուծմէ վախնալով՝ այնպէս չըրի։ 16 Նաեւ այս պարսպին գործին մէջ աշխատեցայ ու մենք արտ ծախու չառինք եւ իմ բոլոր ծառաներս հոն հաւաքուած էին այն գործին համար։ 17 Հրեաներէն ու ոստիկաններէն հարիւր յիսուն մարդ ու շրջակայ ազգերէն մեզի եկողները իմ սեղանէս կ’ուտէին։ 18 Ամէն օրուան ծախքս այս էր՝ արջառ մը ու վեց ընտիր ոչխար եւ ինծի համար թռչուններ ալ կը պատրաստուէին ու տասը օրը անգամ մը առատութեամբ ամէն տեսակ գինիէ կ’ելլէր. ասկէ զատ՝ իշխանութեան ռոճիկն ալ չպահանջեցի, վասն զի այս ժողովուրդին գործը ծանր էր։ 19 Ո՛վ Աստուած իմ, այս ժողովուրդին ըրածներուս համեմատ զիս յիշէ։

ՆԷԵՄԻԱՅԻՆ ԴԷՄ ԴԱՒԵՐ

6 1 Երբ Սանաբաղատը, Տուբիան, Արաբացի Գեսամը ու մեր միւս թշնամիները լսեցին, որ ես պարիսպը շինեցի ու հոն փլած տեղ մը չմնաց (թէպէտեւ մինչեւ այն ատեն դռներուն փեղկերը դրած չէի) Սանաբաղատն ու Գեսամը ինծի մարդ ղրկեցին ու ըսին. «Եկո՛ւր, Ովնովին դաշտին գիւղերուն մէջ իրարու հետ տեսնուինք»։ Բայց անոնք ինծի չարութիւն ընել կը խորհէին։ Անոնց պատգամաւորներ ղրկեցի ու ըսի. «Ես մեծ գործով շատ զբաղած եմ ու չեմ կրնար իջնել։ Ինչո՞ւ համար գործը դադրի, երբ զանիկա թողում ու ձեզի գամ»։ Անոնք ինծի չորս անգամ այսպիսի խօսքեր ղրկեցին, ես ալ անոնց նոյն պատասխանը տուի։ Հինգերորդ անգամին Սանաբաղատը նոյն խօսքերով իր մանչը ինծի ղրկեց՝ ձեռքը բաց թուղթով մը, Որուն մէջ այսպէս գրուած էր. «Ազգերու մէջ լսուեցաւ ու Գեսամը կ’ըսէ թէ դուն ու Հրեաները ապստամբիլ կը խորհիք. դուն անոր համար կը շինես պարիսպը, որ անոնց թագաւոր ըլլաս, ինչպէս կ’ըսուի։ Նաեւ Երուսաղէմի մէջ մարգարէներ հաստատեցիր, որպէս զի քարոզեն ու քեզի համար ըսեն՝ ‘Անիկա Հրէաստանի թագաւոր է’ ու հիմա այս խօսքերը թագաւորին ականջը պիտի հասնին. ուրեմն եկո՛ւր, որ մէկտեղ խորհուրդ ընենք»։ Բայց ես անոր մարդ ղրկեցի ու ըսի. «Իրականութիւնը քու ըսածիդ պէս չէ, հապա անոնք դուն քեզմէ հնարեցիր»։ (Վասն զի անոնք մեզ կը վախցնէին, որպէս զի մեր ձեռքը թուլնայ ու գործը չկատարուի։ Ուստի, ո՛վ Տէր, իմ ձեռքերս ուժովցուր)։

10 Երբ ես Մետաբեէլին որդիին Դաղայիային որդիին Սեմայիային տունը մտայ, անիկա տանը մէջ գոցուած էր ու ըսաւ. «Եկո՛ւր մէկտեղ Աստուծոյ տունը, տաճարը երթանք ու տաճարին դռները գոցենք, վասն զի քեզ մեռցնելու պիտի գան։ Անոնք գիշերով պիտի գան քեզ մեռցնելու»։ 11 Ես ըսի. «Միթէ ինծի պէս մարդը կը փախչի՞ եւ ո՞վ կայ ինծի պէս, որ տաճարը մտնէ ապրելու համար։ Չեմ մտներ»։ 12 Աղէկ հասկցայ թէ Աստուած զինք ղրկած չէր, հապա իմ վրաս այս մարգարէութիւնը ինքնիրմէ խօսեցաւ. վասն զի Տուբիան ու Սանաբաղատը զանիկա վարձքով բռներ էին։ 13 Անոր համար վարձքով բռներ էին զանիկա, որպէս զի ես վախնամ ու մեղանչեմ եւ ատոնք զիս բամբասելու ու իմ անունս աւրելու պատճառ մը ունենան։ 14 Ո՛վ Աստուած իմ, Տուբիան ու Սանաբաղատը այս իրենց գործերուն համեմատ ու Նովադիա մարգարէուհին ու զիս վախցնող միւս մարգարէները յիշէ։

ԳՈՐԾԻՆ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

15 Պարիսպը Իլուլ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը՝ յիսունըերկու օրուան մէջ լմնցաւ։ 16 Երբ մեր բոլոր թշնամիները լսեցին, մեր շուրջի բոլոր ազգերը վախցան ու շատ ամչցան ու իմացան որ այս գործը մեր Աստուծոյն օգնութիւնովը կատարուեցաւ։

17 Այն օրերը Յուդայի ազնուականներէն Տուբիային շատ նամակներ կ’երթային, Տուբիայէն ալ անոնց նամակներ կու գային. 18 Վասն զի Յուդայէն շատ մարդիկ անոր հետ երդումով միաբաներ էին. քանզի անիկա Արահեան Սեքենիային փեսան էր ու անոր որդին Յօհանան Բարաքիային որդիին Մեսուղամին աղջիկը առեր էր։ 19 Նաեւ իմ առջեւս անոր աղէկութիւնները կը պատմէին ու իմ խօսքերս անոր կը հասցնէին։ Տուբիան ինծի նամակ ղրկեց զիս վախցնելու համար։

7 1 Երբ պարիսպը լմնցաւ եւ դռներուն փեղկերը անցուցի ու դռնապաններ, երգողներ ու Ղեւտացիներ դրուեցան, Իմ եղբայրս Անանին եւ աշտարակին իշխանը Անանիան (որ հաւատարիմ ու շատերէն աւելի աստուածավախ մարդ մըն էր) Երուսաղէմի վրայ դրի։ Անոնց ըսի. «Մինչեւ որ արեւը չտաքնայ, Երուսաղէմի դռները մի՛ բանաք։ Ձեր ներկայութեան դռները թող գոցեն ու նիգերը դնեն ու Երուսաղէմի բնակիչներէն պահապաններ կարգեն, ամէն մէկը իր պաշտօնատեղին ու ամէն մէկը իր տանը առջեւ»։

Քաղաքը ընդարձակ ու մեծ էր, բայց մէջի ժողովուրդը քիչ էր ու տուները շինուած չէին։ Իմ Աստուածս զիս դրդեց, որ ազնուականները, ոստիկաններն ու ժողովուրդը հաւաքեմ, որպէս զի արձանագրուին։ Առաջին անգամ գերութենէն ելլողներուն մէկ ազգաբանութեան գիրքը գտայ, ուր այսպէս գրուած էր.

ԱՔՍՈՐԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՂՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԸ

(Եզրաս 2։1-10)

«Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տարած գերիներէն վերադարձող գաւառի բնակիչները ասոնք էին, որոնք Երուսաղէմ ու Յուդա դարձան, ամէն մէկը իր քաղաքը։ Զօրաբաբէլին, Յեսուին, Նէեմիային, Ազարիային, Ռաամիային, Նաեմանիին, Մուրթքէին, Բաղասանին, Մասփարաթին, Բագուէին, Նաւումին ու Բաանային հետ եկան։ Եւ այս էր Իսրայէլի ժողովուրդին մարդոց թիւը. Փարոսին որդիները՝ երկու հազար հարիւր եօթանասունըերկու. Սափատիային որդիները՝ երեք հարիւր եօթանասունըերկու. 10 Արահին որդիները՝ վեց հարիւր յիսունըերկու. 11 Փաաթմովաբին որդիները՝ Յեսուին ու Յովաբին որդիներէն՝ երկու հազար ութ հարիւր տասնըութը. 12 Եղամին որդիները՝ հազար երկու հարիւր յիսունըչորս. 13 Զաթուին որդիները՝ ութը հարիւր քառասունըհինգ. 14 Զաքքային որդիները՝ եօթը հարիւր վաթսուն. 15 Բանուիին որդիները՝ վեց հարիւր քառասունըութը. 16 Բեբայիին որդիները՝ վեց հարիւր քսանըութը. 17 Ազգադին որդիները՝ երկու հազար երեք հարիւր քսանըերկու. 18 Ադոնիկամին որդիները՝ վեց հարիւր վաթսունըեօթը. 19 Բագուէին որդիները՝ երկու հազար վաթսունըեօթը. 20 Ադինին որդիները՝ վեց հարիւր յիսունըհինգ. 21 Ատերին որդիները՝ Եզեկիայէն իննսունըութը. 22 Հասումին որդիները՝ երեք հարիւր քսանըութը. 23 Բեսէիին որդիները՝ երեք հարիւր քսանըչորս. 24 Արիփին որդիները՝ հարիւր տասնըերկու. 25 Գաբաւոնին որդիները՝ իննսունըհինգ. 26 Բեթլեհէմին ու Նետոփային մարդիկը՝ հարիւր ութսունըութը. 27 Անաթովթին մարդիկը՝ հարիւր քսանըութը. 28 Ազամօթին տանը մարդիկը՝ քառասունըերկու. 29 Կարիաթարիմին, Կեփիրային ու Բերովթին մարդիկը՝ եօթը հարիւր քառասունըերեք. 30 Ռամային ու Գաբային մարդիկը՝ վեց հարիւր քսանըմէկ. 31 Մաքմասին մարդիկը՝ հարիւր քսանըերկու. 32 Բեթէլին ու Գայիին մարդիկը՝ հարիւր քսանըերեք. 33 Միւս Նաբաւին մարդիկը՝ յիսունըերկու. 34 Միւս Եղամին որդիները՝ հազար երկու հարիւր յիսունըչորս. 35 Հարիմին որդիները՝ երեք հարիւր քսան. 36 Երիքովին որդիները՝ երեք հարիւր քառասունըհինգ. 37 Ղովդին, Ադիդին ու Ովնովին որդիները՝ եօթը հարիւր քսանըմէկ։ 38 Սենաային որդիները՝ երեք հազար ինը հարիւր երեսուն.

39 Քահանաները՝ Յեսուին տունէն Յեդայիային որդիները՝ ինը հարիւր եօթանասունըերեք. 40 Եմմերին որդիները՝ հազար յիսունըերկու. 41 Փասուրին որդիները՝ հազար երկու հարիւր քառասունըեօթը. 42 Հարիմին որդիները՝ հազար տասնըեօթը հոգի էին։

43 Ղեւտացիները՝ Ովդուիային որդիներէն Յեսուին ու Կադմիէլին որդիները՝ եօթանասունըչորս հոգի էին։

44 Երգողները՝ Ասափին որդիները, հարիւր քառասունըութը էին։

45 Դռնապանները՝ Սեղղումին որդիները, Ատերին որդիները, Տեղմոնին որդիները, Ակկուբին որդիները, Ատիտային որդիները, Սուբային որդիները՝ հարիւր երեսունըութը հոգի էին։

46 Նաթանայիմները ասոնք էին՝ Սիային որդիները, Ասուփային որդիները, Տաբաւոթին որդիները, 47 Կերոսին որդիները, Սիային որդիները, Փադօնին որդիները, 48 Ղաբանային որդիները, Ագաբային որդիները, Սաղամէին որդիները, 49 Անանին որդիները, Գեդդէլին որդիները, Գաարին որդիները, 50 Ռէայիային որդիները, Ռասինին որդիները, Նեկոդային որդիները, 51 Գազամին որդիները, Ոզային որդիները, Փասէին որդիները, 52 Բասիին որդիները, Մովանիմին որդիները, Նեփուսիմին որդիները, 53 Բակբոկին որդիները, Ակուփային որդիները, Արուրին որդիները, 54 Բասաղօթին որդիները, Մէիդային որդիները, Արսային որդիները, 55 Բարկոսին որդիները, Սիսարային որդիները, Թամային որդիները, 56 Նեսիային որդիները, Ատեփային որդիները, 57 Սողոմոնին ծառաներուն որդիները, Սոտէին որդիները, Սոփերաթին որդիները, Փարեդային որդիները, 58 Յեղային որդիները, Դերկոնին որդիները, Գեդդէլին որդիները, 59 Սափատիային որդիները, Ատտիլին որդիները, Փաքարաթ–Ասեբայիմին որդիները, Ամոնին որդիները. 60 Բոլոր Նաթանայիմներն ու Սողոմոնին ծառաներուն որդիները երեք հարիւր իննիսունըերկու հոգի էին։

61 Ու Թեղմեղայէն, Թեղարսայէն, Քերուբէն, Ադդօնէն ու Եմմերէն ելլողները ասոնք էին՝ բայց իրենց հայրերուն տունը ու իրենց սերունդը, այսինքն Իսրայէլէն ըլլալնին չկրցան ցուցնել. 62 Դաղայիային որդիները, Տուբիային որդիները, Նեկոդային որդիները՝ վեց հարիւր քառասունըերկու մարդ։ 63 Քահանաներէն՝ Աբայիային որդիները, Ակկուսին որդիները, Բերզելիին որդիները, որոնք Գաղաադացի Բերզելիին աղջիկներէն կին առնելով՝ անոնց անունովը կոչուեցան։ 64 Ասոնք իրենց ազգաբանութեան գիրքը փնտռեցին, բայց չկրցան գտնել ու անմաքուր սեպուելով՝ քահանայութենէն արձակուեցան։ 65 Եւ Աթարսաթան անոնց ըսաւ. «Մինչեւ որ Ուրիմով ու Թումիմով քահանայ մը չելլէ, անոնք ամենասուրբ բաներէն պիտի չուտեն»։

66 Բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ քառասունըերկու հազար երեք հարիւր վաթսուն հոգի էին, 67 Բացի անոնց ծառաներէն ու աղախիններէն, որոնք եօթը հազար երեք հարիւր երեսունըեօթը հոգի էին ու անոնց մէջ երկու հարիւր քառասունըհինգ այր եւ կին երգողներ կային։ 68 Անոնց ձիերը՝ եօթը հարիւր երեսունըվեց, ջորիները՝ երկու հարիւր քառասունըհինգ 69 Եւ ուղտերը՝ չորս հարիւր երեսունըհինգ ու էշերը՝ վեց հազար եօթը հարիւր քսան հատ էին։

70 Տոհմերու իշխաններէն ոմանք՝ գործին համար ընծայ տուին։ Աթարսաթան հազար ոսկի դրամ, յիսուն սկաւառակ ու հինգ հարիւր երեսուն քահանայական պատմուճան տուաւ գանձին։ 71 Տոհմերու իշխաններէն ոմանք գործաւորութեան գանձին քսան հազար ոսկի դրամ ու երկու հազար երկու հարիւր մնաս արծաթ տուին։ 72 Մնացած ժողովուրդին տուածները քսան հազար ոսկի դրամ ու երկու հազար մնաս արծաթ ու վաթսունըեօթը քահանայական պատմուճան էին։ 73 Քահանաներն ու Ղեւտացիները եւ դռնապաններն ու երգողները եւ ժողովուրդէն եղողները ու Նաթանայիմները եւ բոլոր Իսրայէլի իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան։

Եօթներորդ ամիսը Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ հաստատուած էին։

ԵԶՐԱՍ ՕՐԷՆՔԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

8 1 Բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս՝ Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակը հաւաքուեցան ու Եզրաս դպիրին ըսին որ Մովսէսին օրէնքներու գիրքը բերէ, որ Տէրը Իսրայէլին տուած էր։ Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը Եզրաս քահանան օրէնքներու գիրքը ժողովուրդին առջեւ բերաւ, որ այր ու կին մարդոցմէ ու լսելու եւ հասկնալու կարողութիւն ունեցողներէ բաղկացած էր. Զանիկա Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակին մէջ առտուընէ մինչեւ կէսօր այր ու կին մարդոց ու հասկցողներուն առջեւ կարդաց եւ բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները օրէնքներու գրքին տուեր էին։ Եզրաս դպիրը յատուկ ասոր համար շինուած տախտակէ բեմին վրայ կայնեցաւ ու անոր աջ կողմը՝ Մատաթիան, Սեման, Անանիան, Ուրիան, Քեղկիան ու Մաասիան եւ ձախ կողմը կեցան՝ Փադայիան, Միսայէլը, Մեղքիան, Հասումը, Ասբադանան, Զաքարիան ու Մեսուղամը։ Եզրաս գիրքը բացաւ բոլոր ժողովուրդին աչքերուն առջեւ. վասն զի ինք բոլոր ժողովուրդէն բարձր էր ու զանիկա բացածին պէս բոլոր ժողովուրդը ոտքի ելաւ։ Այն ատեն Եզրաս Եհովա մեծ Աստուածը օրհնեց ու բոլոր ժողովուրդը ձեռքերնին վերցուցին ու «Ամէ՜ն, Ամէ՜ն», ըսին եւ երեսնին գետինը ծռելով՝ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։ Յեսուն, Բանին, Սարաբիան, Յամինը, Ակկուղը, Սաբեթան, Ովդիան, Մաասիան, Կովղիտան, Ազարիան, Յովզաբադը, Անանը, Փաղայիան ու Ղեւտացիները օրէնքը ժողովուրդին կը հասկցնէին եւ ժողովուրդը կարգով կեցեր էին։ Անոնք Աստուծոյ օրէնքի գիրքը յստակ կերպով կարդացին ու մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին։

Նէեմիա Աթարսաթան, որ կառավարիչն էր, Եզրաս քահանան ու դպիրը եւ ժողովուրդին հասկցնող Ղեւտացիները ժողովուրդին ըսին. «Այս օրը ձեր Տէր Աստուծոյն սուրբ օրն է, ուստի սուգ մի՛ ընէք ու մի՛ լաք». վասն զի բոլոր ժողովուրդը կու լային, երբ օրէնքին խօսքերը կը լսէին։ 10 Անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։ 11 Այն ատեն Ղեւտացիները բոլոր ժողովուրդը լռեցուցին՝ ըսելով. «Լո՛ւռ կեցէք, քանզի ասիկա սուրբ օր է ու մի՛ տրտմիք»։ 12 Բոլոր ժողովուրդը ուտելու ու խմելու ու բաժիններ ղրկելու եւ մեծ ուրախութիւն ընելու գացին, վասն զի իրենց բացատրուած խօսքերը հասկցան։

ՏԱՂԱՒԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

13 Երկրորդ օրը՝ բոլոր ժողովուրդին տոհմապետները, քահանաներն ու Ղեւտացիները Եզրաս դպիրին քով հաւաքուեցան, որպէս զի օրէնքին խօսքերը հասկնան։ 14 Օրէնքներու գրքին մէջ գրուած գտան, թէ՝ Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեր է, որ եօթներորդ ամսուան տօնին Իսրայէլի որդիները տաղաւորներու մէջ բնակին, 15 Նաեւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ հրատարակեն ու քարոզեն՝ ըսելով. «Լեռը ելէք ու ձիթենիի ոստեր, մայրի ծառի ոստեր ու մրտենիի ոստեր եւ արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր բերէ՛ք, որպէս զի տաղաւարներ շինէք, ինչպէս գրուած է»։ 16 Ժողովուրդը ելաւ ու բերաւ ու ամէն մարդ իր տանիքին վրայ ու իր գաւիթին մէջ եւ Աստուծոյ տանը գաւիթներուն մէջ ու Ջուրի դրանը հրապարակին մէջ ու Եփրեմին դրանը հրապարակին մէջ՝ իրենց տաղաւարներ շինեցին։ 17 Գերութենէ դարձող բոլոր ժողովուրդը տաղաւարներ շինեցին ու տաղաւարներու մէջ նստան. վասն զի Իսրայէլի որդիները՝ Նաւեան Յեսուին օրերէն մինչեւ այդ օրը՝ այնպէս ըրած չէին ու խիստ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ 18 Առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը՝ ամէն օր՝ Աստուծոյ օրէնքներու գիրքը կարդացուեցաւ։ Եօթը օր տօն ըրին եւ ութերորդ օրը հանդիսաւոր ժողով եղաւ, ինչպէս հրամայուած էր։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ՄԵՂՔԵՐԸ

9 1 Այս ամսուան քսանըչորրորդ օրը Իսրայէլի՝ որդիները ծոմով, քուրձերով ու վրանին հող ցանուած մէկտեղ հաւաքուեցան։ Իսրայէլի որդիները բոլոր օտարազգիներէն զատուեցան ու Աստուծոյ առջեւ կենալով՝ իրենց մեղքերն ու իրենց հայրերուն անօրէնութիւնները խոստովանեցան։ Իրենց տեղը կենալով՝ օրուան մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն օրէնքներու գրքէն կարդացին ու մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն խոստվանութիւն ու երկրպագութիւն ըրին։

Յեսուն, Բանին, Կադմիէլը, Սաբանիան, Բունին, Սարաբիան, Բանին ու Քենանի Ղեւտացիները բեմին վրայ ելան ու բարձր ձայնով իրենց Տէր Աստուծոյն աղաղակեցին։ Յեսուն, Կադմիէլը, Բանին Ասաբանիան, Սարաբիան, Ովդիան, Սաբանիան ու Փեթայիան ու Ղեւտացիները ըսին. «Ելէ՛ք, ձեր Տէր Աստուածը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեցէ՛ք»։ Եւ Եզրաս աղօթեց.

ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

«Օրհնեալ ըլլայ քու փառաւորեալ անունդ ու ամէն օրհնութենէ ու գոհութենէ բարձր ըլլայ։ Դո՛ւն, միայն դո՛ւն Տէր ես. երկինքը, երկինքներու երկինքը եւ անոր բոլոր զօրքերը, երկիրն ու բոլոր անոր վրայ եղածները, ծովերն ու անոնց մէջ բոլոր եղածները դո՛ւն ստեղծեցիր եւ ամենուն դո՛ւն կենդանութիւն տուիր ու երկնքի զօրքերը քեզի կ’երկրպագեն։ Դո՛ւն ես այն Տէր Աստուածը, որ Աբրամը ընտրեցիր եւ զանիկա Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցիր ու անոր անունը Աբրահամի փոխեցիր Եւ անոր սիրտը քու առջեւդ հաւատարիմ գտար ու անոր հետ ուխտ ըրիր որ Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն ու Գերգեսացիներուն երկիրը իր սերունդին տաս ու քու խօսքդ հաստատեցիր, վասն զի արդար ես։

«Ու Եգիպտոսի մէջ մեր հայրերուն նեղութեանը նայեցար ու Կարմիր ծովուն քով անոնց աղաղակը լսեցիր 10 Եւ Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն ու անոր երկրին բոլոր ժողովուրդին նշաններ ու հրաշքներ ցուցուցիր, վասն զի գիտցար թէ մեր հայրերուն հետ հպարտութեամբ վարուեցան. բայց դուն այսօրուան պէս քեզի անուն վաստկեցար 11 Եւ ծովը մեր հայրերուն առջեւ պատռեցիր, այնպէս որ ծովուն մէջէն ցամաքով անցան բայց զանոնք հալածողները խորունկ ջուրերու մէջ նետուած քարի պէս անդունդը նետեցիր։ 12 Ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար՝ կրակի սիւնով առաջնորդեցիր անոնց։

13 «Նաեւ Սինա լերանը վրայ իջար ու անոնց հետ երկնքէն խօսեցար եւ անոնց ուղիղ դատաստաններ, ճշմարիտ օրէնքներ, բարի կանոններ ու պատուիրանքներ տուիր։ 14 Քու սուրբ շաբաթդ անոնց ճանչցուցիր ու քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով անոնց պատուիրանքներ, կանոններ ու օրէնքներ տուիր։ 15 Երբ անօթեցան՝ անոնց երկնքէն հաց տուիր, երբ ծարաւցան՝ անոնց ապառաժէն ջուր հանեցիր։ Անոնց ըսիր, որ մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ անոնց տալու համար ձեռքդ վերցուցիր։

16 Բայց անոնք, այսինքն մեր հայրերը, հպարտացան ու իրենց պարանոցը խստացուցին եւ քու պատուիրանքներուդ չհնազանդեցան 17 Ու չուզեցին մտիկ ընել եւ իրենց մէջ ըրած հրաշքներդ չյիշեցին. հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու իրենց առաջնորդ մը ընտրեցին, իրենց ծառայութեան դառնալու գլուխ կարգեցին, բայց դուն ներող, ողորմած, գթած, երկայնամիտ ու բազմողորմ Աստուած ըլլալուդ՝ զանոնք երեսէ չձգեցիր. 18 Մանաւանդ՝ երբ անոնք իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ ըսին. «Մեզ Եգիպտոսէն հանող աստուածը, ասիկա է»։ Քեզ մեծապէս անարգեցին, 19 Դուն քու մեծ ողորմութիւնովդ զանոնք անապատին մէջ երեսէ չձգեցիր. ճամբան անոնց առաջնորդելու համար՝ ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար կրակի սիւնը անոնց վրայէն չվերցուցիր։ 20 Նաեւ զանոնք իմաստուն ընելու համար քու բարի Հոգիդ տուիր ու անոնց բերնէն քու մանանադ չպակսեցուցիր ու երբ ծարաւցան՝ անոնց ջուր տուիր։ 21 Եւ զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեցիր, անոնց բան մը չպակսեցաւ, անոնց հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան։ 22 Անոնց թագաւորութիւններ ու ժողովուրդներ տուիր ու անոնց սահմանները որոշեցիր։ Անոնք Սեհոնի երկիրը, այսինքն Եսեբոնի թագաւորին երկիրը ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը ժառանգեցին։ 23 Անոնց որդիները երկնքի աստղերուն չափ շատցուցիր ու տարիր զանոնք այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն խոստացեր էիր՝ ‘Անոնք հոն պիտի մտնեն ու այն երկիրը ժառանգեն’։ 24 Անոնց որդիները մտան ու այն երկիրը ժառանգեցին եւ այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները նուաճեցին ու զանոնք ու անոնց թագաւորները ու երկրին ժողովուրդը իրենց ձեռքը տուիր, որպէս զի իրենց ուզածին պէս վարուին անոնց հետ։ 25 Պարսպապատ քաղաքներ ու բերրի երկիր մը առին ու ամէն բարիքով լեցուն տուներ, փորուած ջրհորներ, այգիներ, ձիթենիներ ու պտղաբեր ծառեր առատօրէն ժառանգեցին, կերան, կշտացան ու գիրցան եւ քու մեծամեծ բարիքներովդ զուարճացան։

26 Սակայն քեզի դէմ անհնազանդ եղան ու ապստամբեցան եւ քու օրէնքդ մոռցան ու քու մարգարէներդ ալ մեռցուցին, որ զիրենք քեզի դարձնելու համար իրենց վկայութիւնը կու տային եւ քեզ մեծապէս անարգեցին։ 27 Դուն ալ զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնեցիր, որոնք զիրենք նեղեցին։ Երբ իրենց նեղութեան ատենը քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու առատ ողորմութեանդ համեմատ անոնց ազատարարներ տուիր, որոնք ազատեցին զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն։ 28 Բայց երբ հանգստութիւն գտան, նորէն քու առջեւդ չարութիւն ըրին. ուստի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը թողուցիր, որոնք ասոնց վրայ տիրեցին ու երբ նորէն քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու ողորմութեանդ համեմատ կրկին ու կրկին զանոնք ազատեցիր։ 29 Ու քու օրէնքիդ դարձնելու համար անոնց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք հպարտացան ու քու հրամաններուդ չհնազանդեցան եւ քու պատուիրանքներուդ դէմ մեղք գործեցին (զորոնք պահող մարդը անոնցմով կ’ապրի) ու իրենց ուսերը չխոնարհեցուցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու չհնազանդեցան։ 30 Եւ շատ տարիներ անոնց երկայնմտութիւն ըրիր ու քու Հոգիովդ, քու մարգարէներուդ միջոցով իրենց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք մտիկ չըրին. ուստի զանոնք օտար ժողովուրդներու ձեռքը մատնեցիր։ 31 Սակայն քու առատ ողորմութիւնովդ զանոնք բոլորովին չկորսնցուցիր ու մերժելով չհեռացուցիր քեզմէ, վասն զի դուն ողորմած ու գթած Աստուած ես։

32 Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, որ ուխտ ու ողորմութիւն պահող, մեծ, զօրաւոր ու ահեղ Աստուած ես, Ասորեստանի թագաւորներուն օրերէն մինչեւ այսօր մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն, մեր քահանաներուն, մեր մարգարէներուն, մեր հայրերուն ու քու բոլոր ժողովուրդիդ ամէն պատահած նեղութիւնները թող քու առջեւդ քիչ չերեւնան։ 33 Սակայն բոլոր մեզի պատահած բաներուն մէջ դուն արդար ես, քանզի դուն ճշմարտութեամբ ըրիր. բայց մենք անօրէնութիւն ըրինք։ 34 Ու մեր թագաւորները, իշխանները, քահանաներն ու հայրերը քու օրէնքդ չպահեցին ու քու պատուիրանքներդ ու անոնց ըրած վկայութիւններուդ մտիկ չըրին։ 35 Եւ անոնք իրենց թագաւորութեան ատենը ու անոնց շատ բարիքներ տուած ատենդ եւ այն ընդարձակ ու բերրի երկրին մէջ որ անոնց տուիր, քեզի ծառայութիւն չըրին ու իրենց չար գործերէն չդարձան. 36 Ահա մենք այսօր ծառայ ենք, մանաւանդ այն երկրին մէջ, որ մեր հայրերուն տուիր, որպէս զի անոր պտուղները ու բարիքները ուտենք։ Ահա մենք հոս ծառայ ենք։ 37 Այն երկիրը շատ պտուղ կու տայ այն թագաւորներուն, որոնք մեր մեղքերուն համար մեր վրայ դրիր ու անոնք մեր մարմնին վրայ ու մեր անասուններուն վրայ իրենց ուզածին պէս կը տիրեն ու մենք մեծ նեղութեան մէջ ենք։ 38 Այս ամենուն համար մենք հաստատ ուխտ մը կ’ընենք ու կը գրենք ու մեր իշխանները, մեր Ղեւտացիներն ու մեր քահանաները զանիկա թող կնքեն։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԷ

10 1 Կնքողները ասոնք էին՝ Աքազիայի որդին Նէեմիա Աթարսաթանը, Սեդեկիան, Սարայիան, Ազարիան, Երեմիան, Փասուրը, Ամարիան, Մեղքիան, Քետտուսը, Սաբանիան, Մալուքը, Հարիմը, Մերամօթը, Աբդիան, Դանիէլը, Կանաթոնը, Բարուքը, Մեսուղամը, Աբիան, Միամին, Մաազիան, Բեղգան ու Սեմայիան, ասոնք քահանաներն էին։ Ու Ղեւտացիները, Ազանիային որդին Յեսուն, Բանուին ու Ենադադին որդիներէն Կադմիէլը, 10 Եւ անոնց եղբայրները՝ Սաբանիան, Ովդիան, Կովղիտան, Փաղայիան, 11 Անանը, Միքան, Րոոբը, Ասաբիան, 12 Զաքուրը, Սարաբիան, Սաբանիան, 13 Ովդիան, Բանին ու Բանինուն։ 14 Ժողովուրդին իշխանները, Փարոսը, Փաաթ–Մովաբը, Եղամը, 15 Զաթուն, Բանին, Բունին, Ազգադը, 16 Բեբային, Ադոնիան, Բագուէն, Ադինը, 17 Ատերը, Եզեկիան, Ազուրը, 18 Ովդիան, Հասումը, Բեսէին, 19 Արիփը, Անաթովթը, Նովբայը, 20 Մագփիասը, Մեսուղամը, Եզիրը, 21 Մասիզեբէլը, Սադովկը, Յադդուան, 22 Փաղատիան, Անանը, Անանիան, 23 Ովսէէն, Անանիան, Ասուբը, 24 Ալօէսը, Պիլան, Սօբէկը, 25 Հռէումը, Ասաբանան, Մաասիան, 26 Աքիան, Անանը, Օնանը, 27 Մալուքը, Հարիմը ու Բաանան։

ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ

28 Մնացած ժողովուրդը, քահանաները, Ղեւտացիները, դռնապանները, երգողները, Նաթանայիմներն ու երկիրներու ժողովուրդներէն Աստուծոյ օրէնքին հետեւելու համար բոլոր զատուողները, իրենց կիները, տղաքներն ու աղջիկները, այսինքն ամէն անոնք, որոնք կրնային հասկնալ, 29 Իրենց երեւելի եղբայրներուն հետ միաբանեցան ու անէծքով երդում ըրին, որ Աստուծոյ ծառային Մովսէսին միջոցով տրուած Աստուծոյ օրէնքին մէջ քալեն ու մեր Եհովա Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներն ու օրէնքները եւ կանոնները պահեն ու կատարեն։ 30 Եւ խօսք տուինք, որ մեր աղջիկները երկրին ժողովուրդներուն չտանք եւ անոնց աղջիկները մեր տղոցը չառնենք։ 31 Ու երկրին ժողովուրդներուն շաբաթ օրը ծախելու համար բերած ապրանքները եւ ամէն տեսակ ուտելիքը՝ շաբաթ օրը կամ սուրբ օրերը՝ անոնցմէ չառնենք ու եօթներորդ տարին բոլոր պարտքերն ու պահանջները ներենք։ 32 Ու մեզի կանոն դրինք, որ մեր Աստուծոյն տանը ծառայութեանը համար ամէն տարի սիկղին մէկ երրորդ մասը տանք 33 Առաջաւորութեան հացին, մշտնջենաւոր հացի ընծային, մշտնջենաւոր ողջակէզին, շաբաթներուն, ամսագլուխներուն, տօներուն, սուրբ բաներուն ու Իսրայէլի քաւութիւն ըլլալու համար մեղքի պատարագներուն համար ու մեր Աստուծոյն տանը ամէն գործի համար 34 (Եւ փայտի ընծային համար՝ քահանաներուն, Ղեւտացիներուն ու ժողովուրդին վիճակ ձգեցինք, որ զանիկա մեր Տէր Աստուծոյն սեղանին վրայ վառելու համար, տարուէ տարի՝ որոշուած ատենները ազգատոհմերուն համաձայն մեր Աստուծոյն տունը բերենք, ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է) 35 Ու մեր երկրին առաջին պտուղները եւ ամէն ծառի առաջին պտուղները տարուէ տարի Տէրոջը տունը տանինք։ 36 Մեր որդիներուն ու մեր անասուններուն անդրանիկները՝ ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է ու մեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները մեր Աստուծոյն տունը տանինք՝ մեր Աստուծոյն տանը մէջ պաշտօն ունեցող քահանաներուն 37 Ու մեր խմորներուն երեխայրիները եւ մեր ընծաները, այսինքն ամէն ծառի պտուղ, գինի ու իւղ տանինք քահանաներուն եւ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն, որ երկրին արտադրութիւններուն տասանորդը Ղեւտացիներուն տանք ու Ղեւտացիները մեր բոլոր երկրագործութեան քաղաքներէն տասանորդներ առնեն։ 38 Ու Ահարոնին որդին՝ քահանան՝ Ղեւտացիներուն տասանորդին մասնակից ըլլայ ու Ղեւտացիները տասանորդին տասանորդը մեր Աստուծոյն տունը՝ գանձատանը սենեակները՝ տանին. 39 Վասն զի Իսրայէլի որդիներն ու Ղեւիի որդիները ցորենին ու գինիին ու իւղին ընծան այն սենեակները պիտի տանին, ուր սրբարանին անօթներն ու պաշտօն ունեցող քահանաներն ու դռնապանները ու երգողները կը կենան. ատով մեր Աստուծոյն տանը վրայով անհոգ պիտի չըլլանք։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԲՆԱԿՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

11 1 Ժողովուրդին իշխանները Երուսաղէմի մէջ բնակեցան ու մնացած ժողովուրդին համար վիճակ ձգեցին, որպէս զի տասէն մէկը բերեն Երուսաղէմ սուրբ քաղաքը բնակելու ու միւս ինը բաժինը ուրիշ քաղաքներու մէջ բնակին։ Եւ ժողովուրդը օրհնեց այն մարդիկը, որոնք յօժար կամքով իրենց անձը ընծայեցին Երուսաղէմի մէջ բնակելու։ Երուսաղէմի մէջ բնակող գաւառին իշխանները ասոնք էին (սակայն Յուդայի քաղաքներուն մէջ՝ Իսրայէլը, քահանաները, Ղեւտացիները, Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները, ամէն մարդ իր կալուածին մէջ, իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան)։ Յուդայի ու Բենիամինի որդիներէն ոմանք ալ Երուսաղէմ բնակեցան։

Յուդայի որդիներէն էին՝ Մաղաղիէլին որդիին Սափատիային որդիին Ամարիային որդիին Զաքարիային որդիին Ոզիային որդին Աթայիան, որ Փարէսի որդիներէն էր. Սիլօնիին որդիին Զաքարիային որդիին Յովարիբին որդիին Ադայիային որդիին Ազայիային որդիին Քոլոզէին որդիին Բարուքին որդին Մաասիան։ Երուսաղէմի մէջ բնակող Փարէսի որդիները չորս հարիւր վաթսունըութը զօրաւոր մարդիկ էին։

Բենիամինին որդիները ասոնք էին՝ Եսայիին որդիին Իթիէլին որդիին Մաասիային որդիին Կովղիային որդիին Փադայիային որդիին Յովադին որդիին Մեսուղամին որդին Սալլուն։ Ասոնց հետ՝ Գեբէին, Սելէին եւ Այլն, ինը հարիւր քսանըութը հոգի Ու անոնց վրայ իշխան՝ Զեքրիին որդին Յովէլն էր, իսկ Սենուային որդին Յուդան քաղաքին վրայ տեղակալ էր։

10 Քահանաներէն՝ Յովարիբին որդին Յեդայիան, Յաքին, 11 Աստուծոյ տանը վերակացուն, Աքիտովբին որդիին Մարիօթին որդիին Սադովկին որդիին Մեսուղամին որդիին Քեղկիային որդին Սաբայիան 12 Եւ անոնց եղբայրները, որոնք Աստուծոյ տունը կ’աշխատէին, ութը հարիւր քսանըերկու հոգի էին ու Մեղքիային որդիին Փասուրին որդիին Զաքարիային որդիին Ամասիին որդիին Փաղաղիային որդիին Յերոամին որդին Ադայիան 13 Ու անոր եղբայրները՝ տոհմապետները՝ երկու հարիւր քառասունըերկու հոգի էին ու Եմմերին որդիին Մեսեղամօթին որդիին Ահզային որդիին Ազարիէլին որդին Ամեսային 14 Եւ անոնց եղբայրները հարիւր քսանըութը զօրաւոր կտրիճներ էին։ Անոնց իշխանն էր Ագեդողիմին որդին Զաբդիէլը։

15 Ղեւտացիներէն՝ Բունիին որդիին Ասաբիային որդիին Եզրիկամին որդիին Ասուբին որդին Սեմայիան, 16 Նաեւ Սաբեդան ու Յովզաբադը, որոնք Ղեւտացիներուն իշխաններէն էին, Աստուծոյ տանը արտաքին գործին վրայ կը հսկէին։ 17 Ասափին որդիին Զաբդիին որդիին Միքային որդին Մաթանիան երգողներուն գլխաւորն էր ու աղօթքներուն օրհնութիւնները նախ անիկա կը սկսէր երգել եւ անոր եղբայրներէն Բակբոկիան՝ երկրորդն էր ու անկէ ետքը Իդիթունին որդիին Գաղաբին որդիին Սամուային որդին Աբդան էր։ 18 Սուրբ քաղաքին մէջ բնակող բոլոր Ղեւտացիները երկու հարիւր ութսունըչորս հոգի էին։

19 Դռնապանները, Ակկուբն ու Տեղմոնը՝ ու անոնց եղբայրները՝ դռներուն պահապանները, հարիւր եօթանասունըերկու հոգի էին։

20 Եւ Իսրայէլի քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն մնացորդը, Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ, ամէն մարդ իր ժառանգութեանը մէջ էր։ 21 Բայց Նաթանայիմները Ոփաղի մէջ կը բնակէին եւ Սիան ու Գիսփան Նաթանայիմներուն վրայ էին։ 22 Ու Երուսաղէմի մէջ Ղեւտացիներու վերակացուն՝ Միքային որդիին Մաթանիային որդիին Ասաբիային որդիին Բանիին որդին Ոզին էր, Ասափին որդիներէն՝ երգողներէն՝ որոնք Աստուծոյ տանը գործին կը հսկէին. 23 Վասն զի անոնց համար թագաւորը հրաման տուեր էր, որ երգողներուն օրէ օր ռոճիկ տրուի։ 24 Յուդայեան Զարային որդիներէն Մասիզեբէլին որդին Փեթայիան ժողովուրդին ամէն գործի մէջ թագաւորին գործակալն էր։

ՈՒՐԻՇ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

25 Ու Յուդայի որդիներէն ոմանք գիւղերու ու արտերու մէջ բնակեցան, այսինքն Կարիաթ–Արբային ու անոր գիւղերուն մէջ, Դեբօնին ու անոր գիւղերուն մէջ, Կաբեսէէլին ու անոր գիւղերուն մէջ 26 Ու Յեսուային ու Մօլադային ու Բեթփաղեթին 27 Եւ Ասերսուաղին ու Բերսաբէէին ու անոր գիւղերուն մէջ 28 Եւ Սիկելակին ու Մեքոնային եւ անոր գիւղերուն մէջ 29 Ու Ենռեմօնին, Սարաային, Յերիմութին, 30 Զանովին, Ոդողոմին ու անոնց գիւղերուն մէջ, Լաքիսին ու անոր արտերուն մէջ, Ազեկային ու անոր գիւղերուն մէջ ու Բերսաբէէն մինչեւ Ենովմի ձորը բնակեցան։

31 Բենիամինին որդիներէն ոմանք Գաբայէն մինչեւ Մաքմաս, Այիա ու Բեթէլ ու անոր գիւղերուն մէջ, 32 Անաթովթ, Նոբ, Անանիա, 33 Հասոր, Ռամա, Գեթթայիմ, 34 Հադիդ, Սեբոյիմ, Նեփաղադ, 35 Ղովդ, Ովնով ու Գեքարասիմ բնակեցան։

36 Ղեւտացիներէն ոմանք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ բաժնուած էին։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԸ

12 1 Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլին ու Յեսուին հետ ելլող քահանաներն ու Ղեւտացիները ասոնք են՝ Սարայիան, Երեմիան, Եզրասը, Ամարիան, Մալուքը, Քետտուսը, Սեքենիան, Հռէումը, Մերամօթը, Ադդովը, Կանաթօնը, Աբիան, Միամինը, Մովադիան, Բեղդան, Սեմայիան, Յովարիբը, Յեդայիան, Սալլուն, Ամոկը, Քեղկիան, Յեդայիան։ Յեսուին օրերը, ասոնք էին քահանաներուն իշխանները իրենց եղբայրներովը։

Ղեւտացիներէն Յեսուն, Բանուին, Կադմիէլը, Սարաբիան, Յուդան ու Մաթանիան. ասիկա իր եղբայրներուն հետ օրհնութիւններուն վրայ էր Եւ անոնց եղբայրները՝ Բակբոկիան եւ Ուննին, անոնց դէմ իրենց կարգին մէջ կը կենային։

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ ՅԵՍՈՒԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

10 Յեսուն ծնաւ Յովակիմը եւ Յովակիմը ծնաւ Եղիասիբը ու Եղիասիբը ծնաւ Յովիադան 11 Եւ Յովիադան ծնաւ Յովնաթանը ու Յովնաթանը ծնաւ Յադդուան։

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԴԱՍԻՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐԸ

12 Յովակիմին օրերը տոհմապետ քահանաները ասոնք էին՝ Սարայիայէն Մարայիան, Երեմիայէն Անանիան, 13 Եզրասէն Մեսուղամը, Ամարիայէն Յօհանան, 14 Մալուքէն Յովնաթանը, Սաբանիայէն Յովսէփը, 15 Հարիմէն Եդնան, Մարիօթէն Քեղկայը, 16 Ադդովէն Զաքարիան, Կանաթօնէն Մեսուղամը, 17 Աբիայէն Զեքրին, Մինիամինէն, Մովադիայէն Փաղտին, 18 Բեղգայէն Սամուան, Սեմայիայէն Յովնաթանը, 19 Յովարիբէն Մաթանայը, Յեդայիայէն Ոզին, 20 Սալլուէն Կալլայը, Ամոկէն Եբերը, 21 Քեղկիայէն Ասաբիան, Յեդայիայէն Նաթանայէլը։

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

22 Եղիասիբին, Յովիադային, Յօհանանին ու Յադդուային օրերը Ղեւտացիները, այսինքն անոնց տոհմապետները, գրուեցան. նաեւ քահանաները՝ մինչեւ Պարսիկներու Դարեհի թագաւորութիւնը։ 23 Ղեւիին որդիներուն տոհմապետները մինչեւ Եղիասիբեան Յօհանանին օրերը ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուեցան։

ՏԱՃԱՐԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ

24 Ղեւտացիներուն իշխաններն էին՝ Ասաբիան, Սարաբիան ու Կադմիէլին որդին Յեսուն եւ անոնց եղբայրները անոնց առջեւ կը կայնէին դաս դասի դէմ, որպէս զի Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին հրամայածին պէս օրհնութիւն ու գոհութիւն մատուցանեն։ 25 Մաթանիան, Բակբոկիան, Աբդիան, Մեսուղամը, Տեղմոնն ու Ակկուբը դրան շտեմարաններուն մէջ պահպանութիւն ընող դռնապաններն էին 26 Յովսեդեկեան Յեսուին որդիին Յովակիմին օրերուն մէջ ու Նէեմիա կառավարիչին ու Եզրաս քահանային ու դպիրին օրերուն մէջ։

ՆԷԵՄԻԱ ՔԱՂԱՔԻՆ ՊԱՐԻՍՊԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾԷ

27 Երուսաղէմի պարիսպին նաւակատիքին ատենը ամէն տեղ փնտռեցին Ղեւտացիները, որպէս զի զանոնք Երուսաղէմ բերեն ու նաւակատիքը ուրախութեամբ, գոհութեամբ, օրհնութիւններով, ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով կատարեն։ 28 Երգողներուն որդիները Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն ու Նետոփաթացիներու գիւղերէն 29 Եւ Գաղգաղայի տունէն ու Գաբայի ու Ազամօթի դաշտերէն հաւաքուեցան. վասն զի երգողները Երուսաղէմի շուրջը շիներ էին իրենց գիւղերը։ 30 Քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբուեցան եւ ժողովուրդը ու դռները եւ պարիսպը սրբեցին։

31 Յուդայի իշխանները պարիսպին վրայ հանեցի ու գոհութիւն երգող երկու մեծ դաս կարգեցի. մէկը պարիսպին աջ կողմը դէպի աղբերու դուռը կ’երթար 32 Եւ անոր ետեւէն Ովսէիան ու Յուդայի իշխաններուն կէսը գացին. 33 Նաեւ Ազարիան, Եզրասը, Մեսուղամը, Յուդան, 34 Բենիամինը, Սեմայիան ու Երեմիան 35 Եւ փողերով, քահանաներուն որդիներէն, Ասափին որդիին Զաքուրին որդիին Միքիային որդիին Մաթանիային որդիին Սեմայիային որդիին Յովնաթանին որդին Զաքարիան 36 Ու անոր եղբայրները՝ Սեմայիան, Ազարիէլը, Միլալայը, Գիլալայը, Մաայը, Նաթանայէլը, Յուդան ու Անանին Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին երգերու նուագարաններովը կ’երթային ու անոնց առջեւէն Եզրաս դպիրը։ 37 Իրենց առջեւ եղող Աղբիւրին դուռը եկան ու Դաւիթին քաղաքին աստիճաններէն պարսպին վրայ ելան, Դաւիթին ապարանքէն դէպի արեւելք մինչեւ Ջուրին դուռը գացին։

38 Գոհութիւն երգողներուն միւս դասը առջեւէն կ’երթային ու ես՝ ժողովուրդին կիսուն հետ պարսպին վրայ՝ Փուռերուն աշտարակէն մինչեւ լայն պարիսպը 39 Ու Եփրեմին դրանը վրայէն եւ Հին դրանը վրայ ու Ձուկերուն դրանը եւ Անանայէլին աշտարակին ու Մէային աշտարակին վրայ, մինչեւ ոչխարներուն դուռը անոնց ետեւէն կ’երթայի ու Բանտի դուռը կեցան։ 40 Գոհութիւն երգողներուն երկու դասը Աստուծոյ տանը մէջ կեցան. նոյնպէս ալ ես ու ոստիկաններուն կէսը՝ որոնք ինծի հետ էին. 41 Նաեւ քահանաներէն Եղիակիմը, Մաասիան, Մինիամինը, Միքիան, Եղիովէնային, Զաքարիան ու Անանիան փողերով։ 42 Մաասիան, Սեմայիան, Եղիազարը, Ոզին, Յօհանան, Մեղքիան, Եղամն ու Եզերը։ Այն ատեն երգողները իրենց վերակացուին Յեզերիային հետ ձայներնին վերցուցին։ 43 Այն օրը մեծ զոհեր մատուցանեցին եւ ուրախութիւն ըրին, վասն զի Աստուած մեծ ուրախութիւնով ուրախացուց զանոնք։ Կիները եւ տղաքներն ալ ուրախութիւն ըրին ու Երուսաղէմի ուրախութիւնը մինչեւ հեռու տեղեր լսուեցաւ։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

44 Այն օրը սենեակներուն վրայ գանձերուն, ընծաներուն, երախայրի պտուղներուն ու տասանորդներուն համար մարդիկ որոշուեցան, որպէս զի քաղաքներուն ագարակներէն քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն օրինաւոր բաժինները հաւաքեն, քանզի Յուդա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն համար ուրախացաւ. 45 Վասն զի անոնք իրենց Աստուծոյն հրամանը ու սրբուելուն հրամանը կը պահէին, նոյնպէս ալ երգողները եւ դռնապանները՝ Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին պատուիրածին համեմատ։ 46 Վասն զի առաջ Դաւիթին ու Ասափին օրերը երգողներու գլխաւորներ կային եւ Աստուած օրհնելու ու գովելու երգեր։ 47 Բոլոր Իսրայէլ Զօրաբաբէլին օրերը եւ Նէեմիային օրերը երգողներուն ու դռնապաններուն օրէ օր ռոճիկ կու տային եւ սուրբ բաները Ղեւտացիներուն կու տային, Ղեւտացիներն ալ Ահարոնին որդիներուն կու տային։

ՕՏԱՐՆԵՐԷՆ ԶԱՏՈՒԻԼ

13 1 Այն օրը Մովսէսին գրքէն կարդացուեցաւ ու ժողովուրդը լսեց ու հոն գրուած գտնուեցաւ, որ Ամմոնացիներն ու Մովաբացիները Աստուծոյ ժողովարանին մէջ յաւիտեան պէտք չէ մտնեն. Որովհետեւ անոնք Իսրայէլի որդիները հացով ու ջրով չդիմաւորեցին, հապա Բաղաամը անոնց դէմ վարձքով բռնեցին, որպէս զի զանոնք անիծէ. բայց մեր Աստուածը անէծքը օրհնութեան դարձուց։ Երբ օրէնքին խօսքերը լսեցին, բոլոր օտար մարդիկը Իսրայէլէն զատեցին։

ՆԷԵՄԻԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Բայց ասկէ առաջ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն վերակացուն՝ Եղիասիբ քահանան՝ Տուբիային հետ ազգական եղեր էր։ Անոր մեծ սենեակ մը շիներ էր այն տեղ, ուր առաջ հացի ընծաները, կնդրուկն ու անօթները ու Ղեւտացիներուն, երգողներուն եւ դռնապաններուն համար որոշուած ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները ու քահանաներուն տրուած ընծաները կը դնէին։ Այս բոլոր բաներուն ատենը ես Երուսաղէմ չէի, վասն զի Բաբելոնի Արտաշէս թագաւորին երեսունըերկրորդ տարին թագաւորին գացի։ Ժամանակէ մը յետոյ թագաւորէն հրաման առի Ու Երուսաղէմ գալով Եղիասիբին ըրած չարութիւնը իմացայ, որ Աստուծոյ տանը գաւիթին մէջ Տուբիային համար սենեակ մը շիներ էր։ Եւ շատ նեղուեցայ ու Տուբիային բոլոր կարասիները սենեակէն դուրս նետեցի Եւ հրաման ըրի, որ սենեակները մաքրեն եւ Աստուծոյ տանը անօթներն ու հացի ընծան եւ կնդրուկը նորէն հոն դնեն։ 10 Նաեւ իմացայ թէ Ղեւտացիներուն բաժինները տրուած չէին, վասն զի սպասաւորութիւն ընող Ղեւտացիները ու երգողները ամէնքն ալ իրենց ագարակները փախեր էին։ 11 Անոր համար ոստիկանները յանդիմանեցի ու ըսի. «Աստուծոյ տունը ի՞նչ պատճառով այսպէս թողուած է» եւ Ղեւտացիները հաւաքեցի ու զանոնք իրենց պաշտօններուն մէջ հաստատեցի։ 12 Բոլոր Յուդա ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները գանձարանները բերին 13 Եւ գանձարաններուն վրայ Սեղեմիա քահանան ու Սադովկ դպիրը ու Ղեւտացիներէն Փադայիան գանձապետ կարգեցի ու Մաթանիային որդիին Զաքուրին որդին Անանը անոնց հետ էր. վասն զի անոնք հաւատարիմ կը սեպուէին ու անոնց գործը իրենց եղբայրներուն բաժին տալ էր։ 14 Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար զիս յիշէ ու քու տանդ մէջ եւ անոր ծառայութեանը մէջ իմ ըրած բարեգործութիւններս մի՛ ջնջեր։

15 Այն օրերը Հրէաստանի մէջ տեսայ թէ շաբաթ օրը խաղող կը կոխէին ու ցորենի որաներ կը բերէին ու էշերու վրայ բեռ կը բեռցնէին, նաեւ գինի, խաղող, թուզ ու ամէն տեսակ բեռ տեսայ, որոնք շաբաթ օրը Երուսաղէմ կը բերէին ու ես ուտելիք ծախած օրերնին զանոնք յանդիմանեցի։ 16 Եւ հոն բնակող Տիւրացիները ձուկ ու ամէն տեսակ ապրանք կը տանէին եւ շաբաթ օրը Յուդայի որդիներուն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն կը ծախէին։ 17 Յուդային ազնուականները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Այս ի՞նչ գէշ բան է որ դուք կ’ընէք ու շաբաթ օրը կը պղծէք։ 18 Ահա ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին ու մեր Աստուածը մեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ եւ դուք շաբաթը պղծելով՝ Իսրայէլին վրայ բարկութիւն կ’աւելցնէք»։ 19 Ուստի շաբաթէն առաջ Երուսաղէմի դռներէն արեւը քաշուածին պէս, հրամայեցի որ դռները գոցուին. նաեւ հրամայեցի որ շաբաթը չանցած չբացուին ու դռներուն քով իմ մանչերէս կեցուցի, որպէս զի շաբաթ օրը ներսը բեռ չմտնէ։ 20 Վաճառականներն ու ամէն տեսակ ապրանք ծախողները մէկ երկու անգամ գիշերը Երուսաղէմէն դուրս անցուցին։ 21 Ես զանոնք յանդիմանեցի՝ ըսելով. «Դուք ինչո՞ւ համար պարիսպին քով գիշերը կ’անցընէք. եթէ անգամ մըն ալ այդպէս ընէք, ձեռքս ձեր վրայ կը դնեմ»։ Անկէ յետոյ անգամ մըն ալ շաբաթ օրը չեկան։ 22 Ղեւտացիներուն ըսի, որ զիրենք սրբեն ու շաբաթ օրը սուրբ պահելու համար երթան դռները պահպանութիւն ընեն։ Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար ալ զիս յիշէ ու քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ինծի ողորմէ։

23 Այն օրերը Հրեաներ տեսայ, որոնք Ազովտացի, Ամմոնացի ու Մովաբացի կիներ առեր էին 24 Ու անոնց տղաքը Եբրայերէն խօսիլը աղէկ չգիտնալով՝ կէս մը Ազովտացիներու լեզուով կը խօսէին, նմանապէս ուրիշ ազգերու լեզուներով։ 25 Այս պատճառով զանոնք յանդիմանեցի ու զանոնք նզովեցի եւ անոնցմէ մէկ քանին ծեծեցի ու մազերնին փետտեցի եւ Աստուծոյ անունովը անոնց երդում ընել տուի՝ ըսելով. «Ձեր աղջիկները անոնց տղոցը պէտք չէ տաք ու անոնց աղջիկներէն ձեր տղոցը կամ ձեզի պէտք չէ առնէք։ 26 Ասոնց պատճառով չէ՞ր, որ Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը մեղանչեց ու թէպէտեւ շատ ազգերու մէջ անոր պէս թագաւոր չկար եւ իր Աստուծոյն սիրելի էր ու Աստուած զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրաւ, սակայն օտարազգի կիները անոր ալ մեղանչել տուին։ 27 Եւ հիմա ձեզ թողո՞ւնք որ այս մեծ չարութիւնը շարունակէք ու օտարազգի կիներ առնելով՝ մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործէք»։ 28 Եւ մեծ քահանային Եղիասիբին որդիին Յովիադային որդիներէն մէկը Որոնացի Սանաբաղատին փեսան էր. անոր համար զանիկա քովէս վռնտեցի։ 29 Ո՛վ Աստուած իմ, զանոնք յիշէ՝ քահանայութիւնը եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն ուխտը պղծելուն համար։ 30 Այսպէս զանոնք բոլոր օտարազգիներէն մաքրեցի ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը հաստատեցի, անոնց ամէն մէկը իր պաշտօնին վրայ դնելով. 31 Նաեւ որոշուած ժամանակներուն բերուելու փայտի ընծային համար ու երախայրի պտուղներուն համար կարգադրութիւն ըրի։ Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛։