ԳԻՐՔ ՅԵՍՈՒԱՅ

ԳԻՐՔ ՅԵՍՈՒԱՅ

ՏԷՐԸ ՅԵՍՈՒԻՆ ԿԸ ՀՐԱՀԱՆԳԷ ՔԱՆԱՆԸ ԳՐԱՒԵԼ

1 1 Տէրոջը ծառային Մովսէսին մահէն ետքը՝ Տէրը Մովսէսին սպասաւորին Նաւէի որդիին Յեսուին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։ Ձեր ոտքին բոլոր կոխած տեղերը ձեզի պիտի տամ, ինչպէս Մովսէսին ըսի՝ Անապատէն ու Լիբանանէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը, Քետացիներուն բոլոր երկիրը մինչեւ մեծ ծովը արեւմտեան կողմը՝ ձեր սահմանը պիտի ըլլայ։ Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ Ինչպէս Մովսէսին հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ։ Քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ։ Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը քու առաջնորդութեամբդ պիտի ժառանգէ այն երկիրը, որուն համար իրենց հայրերուն երդում ըրի, որ իրենց տամ։ Միայն թէ զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր, որպէս զի իմ ծառայիս Մովսէսին բոլոր քեզի պատուիրած օրէնքը պահես ու կատարես. անկէ աջ կամ ձախ կողմ մի՛ խոտորիր, որպէս զի քու ամէն երթալու տեղդ յաջողութիւն գտնես։ Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։ Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։

ՅԵՍՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ

10 Անկէ ետքը Յեսու ժողովուրդին ոստիկաններուն պատուիրելով՝ ըսաւ. 11 «Բանակին մէջէն անցէ՛ք ու ժողովուրդին ապսպրեցէ՛ք. ‘Ձեզի պաշար պատրաստեցէ՛ք. քանզի երեք օրէն յետոյ դուք այս Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի երթաք ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի իբր ժառանգութիւն պիտի տայ’»։

12 Յեսու Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն եւ Մանասէի կէս ցեղին ըսաւ. 13 «Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ ձեզի պատուիրեց՝ ըսելով. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ հանգստացուց ու այս երկիրը ձեզի տուաւ։ 14 Ձեր կիները, ձեր տղաքները եւ ձեր անասունները թող բնակին այն երկրին մէջ, որ Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը. բայց դուք ամէնքդ, որ ուժով կտրիճներ էք, սպառազինեալ ձեր եղբայրներուն առջեւ անցնելով, անոնց օգնեցէք 15 Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ եւ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեր ժառանգութեան երկիրը դարձէք եւ ժառանգեցէք զանիկա, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք’»։

16 Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քու բոլոր պատուիրածներդ պիտի ընենք եւ ուր որ մեզ ղրկես՝ պիտի երթանք։ 17 Ինչպէս Մովսէսին հնազանդ էինք, այնպէս ալ քեզի հնազանդ պիտի ըլլանք. միայն թէ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս Մովսէսին հետ էր։ 18 Ամէն մարդ, որ քու հրամանիդ դէմ դնէ եւ ամէն ինչ որ անոր պատուիրես՝ քու խօսքերդ մտիկ չընէ, թող մեռցուի. միայն թէ զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր»։

ՅԵՍՈՒ ԼՐՏԵՍՆԵՐ ԿԸ ՂՐԿԷ ԵՐԻՔՈՎ

2 1 Նաւէի որդին Յեսու Սատիմէն երկու մարդ ղրկեց՝ ծածկաբար երկիրը լրտեսելու համար ու անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք այն երկիրը ու Երիքովը քննեցէք»։ Անոնք գացին ու Ռախաբ անունով պոռնիկ կնոջ մը տունը մտան եւ հոն մնացին։ Այն ատեն Երիքովի թագաւորին լուր տրուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա այս գիշեր երկիրը լրտեսելու համար Իսրայէլի որդիներէն մարդիկ եկեր են հոս»։ Երիքովի թագաւորը Ռախաբին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Քեզի եկող ու տունդ մտնող մարդիկը դուրս հանէ՛. քանզի անոնք այս բոլոր երկիրը լրտեսելու եկեր են»։ Կինը այն երկու մարդը առաւ պահեց ու ըսաւ. «Իրաւ այն մարդիկը ինծի եկան, բայց ուրկէ ըլլալնին չգիտցայ Ու դռներուն գոցուելու ատենը, մութին, այն մարդիկը դուրս ելան։ Անոնց ուր երթալը չեմ գիտեր։ Շուտով անոնց ետեւէն գացէք, որպէս զի անոնց հասնիք»։ Իսկ ինք տանիքը հանելով զանոնք, պահեր էր վուշի ցօղուններու մէջ, որոնք տանիքին վրայ դիզուած էին։ Ուստի թագաւորին մարդիկը մինչեւ Յորդանանի անցքերը անոնց ետեւէն գացին։ Լրտեսներուն ետեւէն գացողներուն դուրս ելլելէն ետքը՝ դուռը գոցեցին։

Լրտեսները դեռ չէին քնացած, երբ կինը տանիք ելաւ անոնց քով Եւ ըսաւ. «Ես գիտեմ որ Տէրը այս երկիրը ձեզի տուաւ ու ձեր վախը մեր վրայ ինկաւ եւ ձեր պատճառով այս երկրին բնակիչները հալեցան։ 10 Քանզի մենք լսեցինք թէ ի՛նչպէս Տէրը ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը Կարմիր ծովուն ջուրերը ձեր առջեւէն ցամքեցուց. նաեւ ինչ որ դուք ըրիք Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն՝ Սեհոնին ու Ովգին՝ որոնք բնաջինջ ըրիք։ 11 Ուստի այս բաները լսածնուս պէս սրտերնիս հալեցաւ ու ձեր երեսէն վախնալով մէկո՛ւն վրայ համարձակութիւն չմնաց. քանզի ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած։ 12 Հիմա կ’աղաչեմ, Տէրոջմով երդում ըրէք ինծի, որ ես ձեզի ողորմութիւն ընելուս համար, դուք ալ իմ հօրս տանը ողորմութիւն պիտի ընէք եւ ինծի վստահելի նշան մը տուէք, 13 Որ իմ հայրս, մայրս, եղբայրներս, քոյրերս ու բոլոր իրենց պատկանողները ողջ պիտի թողուք եւ մեր անձը մահուանէ պիտի ազատէք»։ 14 Լրտեսները անոր ըսին. «Եթէ այս մեր բանը չյայտնէք, ձեր տեղը մեր անձերը մեռնին։ Երբ Տէրը այս երկիրը մեզի տայ, քեզի ողորմութիւն ու հաւատարմութիւն պիտի ընենք»։ 15 Այն ատեն զանոնք պարանով մը պատուհանէն վար իջեցուց. (քանզի իր տունը բերդին պարսպին վրայ էր ու ինք պարսպին վրայ կը բնակէր.) 16 Եւ անոնց ըսաւ. «Լեռը գացէ՛ք, չըլլայ որ հալածողները ձեզի հանդիպին ու հոն երեք օր պահուեցէ՛ք, մինչեւ որ հալածողները ետ դառնան, անկէ յետոյ ձեր ճամբան գացէ՛ք»։ 17 Լրտեսները անոր ըսին. «Ահա մենք այդ մեզի ընել տուած երդումէդ այս կերպով անպարտ ըլլանք. 18 Երբ մենք այս երկիրը մտնենք, այս կարմիր պարանը այն պատուհանին վրայ կապէ, ուրկէ մեզ իջեցուցիր եւ քու հայրդ, մայրդ, եղբայրներդ ու քու հօրդ բոլոր տունը քու քովդ այս տանը մէջ հաւաքէ ու մենք քեզի հետ ողորմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պիտի վարուինք։

19 Բայց անոնցմէ ով որ քու տանդ դռնէն դուրս ելլէ, անոր արիւնը իր գլխուն վրայ ըլլայ. մենք անպարտ պիտի ըլլանք. բայց քու քովդ այս տանը մէջ բոլոր եղողներուն եթէ ձեռք մը դպչի, անոնց արիւնը մեր գլխուն վրայ ըլլայ։ 20 Եւ եթէ այս մեր բանը մէկուն յայտնես, այն ատեն քու մեզի ընել տուած երդումէդ անպարտ պիտի ըլլանք»։ 21 Կինը ըսաւ. «Ձեր խօսքերուն պէս թող ըլլայ»։ Թողուց զանոնք ու անոնք գացին։ Այն կարմիր պարանը պատուհանին վրայ կապեց։

22 Եւ անոնք անկէ լեռնակողմը գացին ու հոն երեք օր նստան, մինչեւ որ հալածողները ետ դարձան։ Հալածողները զանոնք ամէն ճամբու մէջ փնտռեցին, բայց չգտան։ 23 Այն ատեն այն երկու մարդիկը ետ դառնալով՝ լեռնէն վար իջան եւ անցնելով՝ Նաւէի որդիին Յեսուին գացին ու իրենց պատահած բոլոր բաները անոր պատմեցին։ 24 Եւ ըսին. «Իրաւցնէ Տէրը այն բոլոր երկիրը մեր ձեռքը տուաւ ու այն երկրին բոլոր բնակիչները մեր երեսէն հալեցան»։

ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԸ ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ Կ’ԱՆՑՆԻՆ

3 1 Յեսու առտուն կանուխ ելաւ։ Ինք բոլոր Իսրայէլի որդիները Սատիմէն չուեցին ու մինչեւ Յորդանան եկան եւ անցնելէ առաջ հոն իջեւանեցան։ Երեք օր յետոյ ոստիկանները բանակին մէջէն անցան Եւ ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսին. «Երբ ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտին տապանակը տեսնէք ու Ղեւտացի քահանաները՝ որոնք զանիկա կը տանին, դուք ալ ձեր տեղերէն ելէք ու անոր ետեւէն գացէք։ Բայց ձեր ու անոր մէջտեղ երկու հազար կանգունի չափ միջոց պէտք է ըլլայ։ Անոր չմօտենաք, որպէս զի երթալու ճամբանիդ գիտնաք. քանզի ասկէ առաջ այս ճամբայէն անցած չէք»։ Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Սրբեցէ՛ք ձեր անձերը. քանզի Տէրը վաղը ձեր մէջ հրաշքներ պիտի ընէ»։ Անկէ յետոյ Յեսու քահանաներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ուխտին տապանակը վերցուցէ՛ք ու ժողովուրդին առջեւէն քալեցէ՛ք»։ Անոնք ուխտին տապանակը վերցուցին ու ժողովուրդին առջեւէն գացին։

Տէրը ըսաւ Յեսուին. «Այսօր պիտի սկսիմ բոլոր Իսրայէլի աչքին առջեւ քեզ մեծցնել, որպէս զի գիտնան թէ ինչպէս Մովսէսին հետ էի, այնպէս ալ քեզի հետ պիտի ըլլամ։ Հիմա դուն ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն պատուիրէ՛ ու ըսէ՛. ‘Երբ Յորդանանի ջուրին եզերքը հասնիք, Յորդանանի մէջ կայնեցէ՛ք»։

Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Հոս մօտեցէք եւ ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքերը լսեցէք»։ 10 Ու Յեսու ըսաւ. «Ասով պիտի գիտնաք, թէ կենդանի Աստուածը ձեր մէջն է ու ձեր առջեւէն Քանանացիները, Քետացիները, Խեւացիները, Փերեզացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիներն ու Յեբուսացիները պիտի վռնտէ։ 11 Ահա բոլոր երկրի Տէրոջը ուխտին տապանակը ձեր առջեւ պիտի մտնէ Յորդանանի մէջ։ 12 Հիմա դուք Իսրայէլի ցեղերէն տասներկու մարդ առէք, ամէն ցեղէ մէկ–մէկ մարդ։ 13 Ու երբ բոլոր երկրի Եհովա Տէրոջը տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը Յորդանանի ջուրին մէջ մտնեն, Յորդանանի ջուրը պիտի կտրի ու վերէն իջնող ջուրը կարկառակոյտի մը պէս պիտի կայնի»։

14 Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցնելու համար իրենց վրաններէն չուեցին, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները ժողովուրդին առջեւէն կ’երթային։ 15 Երբ տապանակը վերցնողները Յորդանան հասան ու տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը ջուրին մէջ մխուեցան՝ (վասն զի հունձքի բոլոր ժամանակը Յորդանանի ջուրը առատանալով իր բոլոր եզերքները կը կոխէ,) 16 Վերէն իջնող ջուրը կայնեցաւ ու Սարթանի քով եղող Ադամ քաղաքէն շատ հեռու կարկառակոյտի մը պէս բարձրացաւ ու դաշտի ծովը, այսինքն Աղի ծովը, իջնողը կտրեցաւ, լմնցաւ։ Եւ ժողովուրդը Երիքովի դիմաց անցաւ։ 17 Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ ցամաքի վրայ հաստատ կայնեցան, մինչեւ որ բոլոր Իսրայէլ ցամաքով Յորդանանէն անցաւ։

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՔԱՐԵՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԵՑՆԵՆ

4 1 Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ, Տէրը խօսեցաւ Յեսուին ու ըսաւ. «Ժողովուրդէն տասներկու մարդ առէք, ամէն ցեղէ մէկ–մէկ մարդ Ու անոնց պատուիրելով ըսէք. ‘Ասկէ Յորդանանի մէջէն, քահանաներուն ոտքերուն ամուր կեցած տեղէն, ձեզի տասներկու քար վերցուցէք եւ զանոնք ձեզի հետ տարէք ու դրէք այն տեղը՝ ուր այս գիշեր իջեւան պիտի ընէք’»։ Յեսու Իսրայէլի որդիներէն իր որոշած տասներկու մարդիկը կանչեց, ամէն ցեղէ մէկ–մէկ մարդ Ու Յեսու անոնց ըսաւ. «Յորդանանի մէջ ձեր Տէր Աստուծոյն տապանակին առջեւ անցէք ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը՝ ամէն մէկդ ձեր ուսերուն վրայ մէկ–մէկ քար վերցուցէք անկէ. Որպէս զի ասիկա ձեր մէջ նշան ըլլայ ու երբ վաղը ձեր որդիները ձեզի հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ պիտի ըլլան ձեզի’, Անոնց ըսէք. ‘Քանի որ Տէրոջը ուխտի տապանակին առջեւէն Յորդանանի ջուրերը կտրուեցան. երբ անիկա Յորդանանէն կ’անցնէր՝ Յորդանանի ջուրը կտրուեցաւ. այս քարերը Իսրայէլի որդիներուն մէջ յիշատակի համար պիտի ըլլան յաւիտեան’»։ Եւ Իսրայէլի որդիները Յեսուի պատուիրածին պէս ըրին ու Յորդանանի մէջէն տասներկու քար առին, Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր եւ զանոնք իրենց հետ իջեւանին տեղը տարին ու հոն դրին։ Եւ Յեսու ուրիշ տասներկու քարեր ալ կանգնեցուց Յորդանանի մէջ, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերուն կեցած տեղը, որոնք մինչեւ այսօր հոն են։ 10 Տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ կայնեցան, մինչեւ որ լմնցաւ այն բոլոր խօսքը, որ Տէրը Յեսուին պատուիրեց, որ ժողովուրդին ըսէ, ինչպէս Մովսէս Յեսուին պատուիրեր էր ժողովուրդը արտորալով անցաւ։ 11 Ու երբ ժողովուրդին անցնիլը լմնցաւ, այն ատեն Տէրոջը տապանակն ու քահանաները ժողովուրդին առջեւ անցան։

12 Ռուբէնին որդիները ու Գադին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը սպառազինեալ՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ անցան, ինչպէս Մովսէս անոնց ըսեր էր. 13 Քառասուն հազարի չափ պատրաստուած զօրք Տէրոջը առջեւ՝ պատերազմի համար Երիքովի դաշտը անցան։

14 Նոյն օրը Տէրը բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ Յեսուն մեծցուց ու անոր կեանքին բոլոր օրերուն որքան Մովսէսէն կը վախնային, այնքան Յեսուէն վախցան։ 15 Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով. 16 «Վկայութեան տապանակը վերցնող քահանաներուն հրաման ըրէ որ Յորդանանէն ելլեն»։ 17 Ուստի Յեսու քահանաներուն հրամայեց ու ըսաւ. «Յորդանանէն ելէք»։ 18 Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջէն ցամաք ելան եւ քահանաներուն ոտքերուն թաթերը ցամաքի վրայ կոխեցին, Յորդանանի ջուրը իր տեղը դարձաւ առաջուան պէս իր բոլոր եզերքները ողողեց։

19 Առաջին ամսուան տասներորդ օրը ժողովուրդը Յորդանանէն դուրս ելլելով, Գաղգաղայի մէջ Երիքովի արեւելեան կողմը իջեւան ըրին։ 20 Այն տասներկու քարը, որոնք Յորդանանէն առեր էին, Յեսու Գաղգաղայի մէջ կանգնեցուց։ 21 Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Վաղը եթէ ձեր որդիները իրենց հայրերուն հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ են’, 22 Ձեր տղոց իմացնէք՝ ըսելով. ‘Իսրայէլ Յորդանանէն ցամաքով անցաւ’։ 23 Որովհետեւ ձեր Տէր Աստուածը ձեր առջեւէն Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուց մինչեւ որ դուք անցաք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Կարմիր ծովուն մէջ ալ ըրաւ, որը ցամքեցուց մեր առջեւէն մինչեւ որ մենք անցանք. 24 Որպէս զի երկրի բոլոր ազգերը գիտնան թէ Տէրոջը ձեռքը զօրաւոր է։ Դուք ձեր Տէր Աստուծմէն միշտ վախցէք»։

5 1 Երբ լսեցին Ամօրհացիներուն բոլոր թագաւորները, որոնք Յորդանանի ասդին արեւմտեան կողմը կը բնակէին ու Քանանացիներուն բոլոր թագաւորները, որոնք ծովեզերքին քով կը բնակէին, թէ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն, մինչեւ անոնց անցնիլը, Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուցեր է, անոնց սիրտը հալեցաւ ու Իսրայէլի որդիներուն երեսէն անոնց վրայ համարձակութիւն չմնաց։

ԳԱՂԳԱՂԱՅԻ ՄԷՋ ԹԼՓԱՏՈՒԹԻՒՆ

Այն ատեն Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Քեզի գայլախազէ դանակներ շինէ ու դարձիր Իսրայէլի որդիները նորէն թլփատէ»։ Յեսու իրեն գայլախազէ դանակներ շինեց ու Բլուր Անթլփատութեան ըսուած տեղը Իսրայէլի որդիները թլփատեց։ Այս է պատճառը, որուն համար Յեսու զանոնք թլփատեց։ Ժողովուրդին բոլոր արուները, որոնք Եգիպտոսէն ելան եւ բոլոր պատերազմող մարդիկը, Եգիպտոսէն ելլելէ ետքը անապատին մէջ՝ ճամբան՝ մեռան։ Այդ բոլոր ժողովուրդը թլփատուած էր. բայց Եգիպտոսէն ելլելէ ետքը անապատին մէջ՝ ճամբան ծնած ժողովուրդը չէր թլփատուած։ Քանզի Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտեցան, մինչեւ որ Տէրոջը խօսքին անհնազանդ եղող բոլոր ազգը, այսինքն Եգիպտոսէն ելլող պատերազմիկները սպառեցան, որովհետեւ Տէրը անոնց համար երդում ըրաւ որ այն երկիրը անոնց չցուցնէ՝ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր՝ մեզի տալու։ Ուստի անոնց տեղ անոնց զաւակները հանեց ու զանոնք թլփատեց Յեսու. քանզի անթլփատ էին, որովհետեւ ճամբուն մէջ թլփատած չէին զանոնք։ Երբ բոլոր ժողովուրդին թլփատուիլը լմնցաւ, բանակին մէջ իրենց տեղը նստան մինչեւ որ առողջացան։ Այն ատեն Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Այսօր Եգիպտոսին նախատինքը ձեր վրայէն վերցուցի»։ Ուստի այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Գաղգաղա ըսուեցաւ։ 10 Իսրայէլի որդիները Գաղգաղայի մէջ բնակեցան ու ամսուան տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ՝ Երիքովի դաշտերուն մէջ զատիկը ըրին։ 11 Զատկին հետեւեալ օրը կերան այն երկրին պտուղէն ու բաղարջ. նոյն օրը բոհրած ցորեն ալ կերան։ 12 Հետեւեալ օրը, երբ այն երկրին պտուղէն կերան, մանանան դադրեցաւ։ Անկէ ետքը Իսրայէլի որդիները ա՛լ մանանայ չստացան։ Այն տարին Քանանի երկրին պտուղէն կերան։

ՅԵՍՈՒ ԵՒ ՍՈՒՐՈՎ ՄԱՐԴԸ

13 Երբ Յեսու Երիքովի մօտ էր, աչքերը վերցնելով տեսաւ որ ահա իր դէմ մարդ մը կայներ էր, որուն ձեռքը մերկ սուր մը կար։ Յեսու անոր մօտենալով՝ անոր ըսաւ. «Մեզմէ՞ ես թէ մեր թշնամիներէն ես»։ 14 Եւ անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, այլ ես Տէրոջը զօրավարն եմ ու հիմա եկայ»։ Յեսու երեսի վրայ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ անոր եւ ըսաւ. «Իմ Տէրս իր ծառային ի՞նչ կը հրամայէ»։ 15 Տէրոջը զօրավարը Յեսուին ըսաւ. «Ոտքերէդ կօշիկներդ հանէ, քանզի կայնած տեղդ սուրբ է»։ Յեսու հանեց կօշիկները։

ԵՐԻՔՈՎԻ ԱՆԿՈՒՄԸ

6 1 Երիքով Իսրայէլի որդիներուն պատճառով ամուր կերպով փակուած էր. ելլող ու մտնող չկար։ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Նայէ՛, Երիքովն ու անոր թագաւորը եւ զօրաւոր կտրիճները քու ձեռքդ տուի։ Ուստի բոլոր պատերազմիկները ա՛ռ եւ վեց օր՝ օրական մէկ անգամ քաղաքին բոլորտիքը դարձէք Եւ տապանակին առջեւ եօթը քահանայ՝ եօթը Յոբելեան փողերը առնեն ու եօթներորդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ դարձէք։ Քահանաները թող փողերը հնչեցնեն։ Երբ Յոբելեան եղջիւրները երկար հնչեցնեն եւ դուք փողերուն ձայնը լսէք, բոլոր ժողովուրդը մեծ ձայնով թող աղաղակեն եւ այն ատեն քաղաքին պարիսպները վար պիտի իյնան ու ժողովուրդը շիտակ յառաջ երթալով ներս թող մտնէ»։

Նաւէի որդին Յեսու քահանաները կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Ուխտին տապանակը վերցուցէք ու Տէրոջը տապանակին առջեւէն եօթը քահանայ եօթը Յոբելեան փողեր թող առնեն»։ Ետքը ժողովուրդին ըսաւ. «Անցէք ու քաղաքին բոլորտիքը պտըտեցէք։ Զինուորները Տէրոջը տապանակին առջեւէն թող քալեն»։ Երբ Յեսու ժողովուրդին պատուիրեց, եօթը քահանաները, որոնք եօթը Յոբելեան փողերը ունէին, Տէրոջը առջեւ անցնելով փողերը հնչեցուցին ու Տէրոջը ուխտին տապանակը անոնց ետեւէն կ’երթար։

Զինուորները փողերը հնչեցնող քահանաներուն առջեւէն կ’երթային, բայց վերջապահները՝ տապանակին ետեւէն ու քահանաները փողերը հնչեցնելով կ’երթային։ 10 Յեսու ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Բնաւ աղաղակ մի՛ հանէք, թող ձայներնիդ չլսուի ու ձեր բերնէն խօսք մը չելլէ, մինչեւ այն օրը որ ես ձեզի ըսեմ թէ ‘Աղաղակեցէք’. այն ատեն աղաղակեցէք»։ 11 Տէրոջը տապանակին քաղաքին բոլորտիքը մէկ անգամ պտըտելէն յետոյ, դարձան ու գիշերը բանակին մէջ մնացին։

12 Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու քահանաները Տէրոջը տապանակը վերցուցին։ 13 Եօթը Յոբելեան փողերը կրող եօթը քահանաները Տէրոջը տապանակին առջեւէն կ’երթային՝ փողերը հնչեցնելով ու զինուորները անոնց առջեւէն կ’երթային ու վերջապահները՝ Տէրոջը տապանակին ետեւէն եւ քահանաները փողերը հնչեցնելով կ’երթային։ 14 Երկրորդ օրն ալ քաղաքին բոլորտիքը մէկ անգամ պտըտելով բանակը դարձան։ Վեց օր այսպէս ըրին։ 15 Եօթներորդ օրը կանուխ ելան՝ արշալոյսին ծագած ատենը ու քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան նոյն կերպով, միայն այդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան։ 16 Ու եօթներորդ անգամին երբ քահանաները փողերը հնչեցուցին, Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Աղաղակեցէք, քանզի Տէրը այս քաղաքը ձեր ձեռքը տուաւ։ 17 Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղածները Տէրոջմէ նզովուած ըլլան, միայն Ռախաբ պոռնիկը մեր ղրկած լրտեսները պահելուն համար ողջ թող մնայ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իրեն հետ տանը մէջ բոլոր եղողները։ 18 Բայց դուք ամէն կերպով զգուշացէ՛ք նզովուածէն. չըլլայ որ նզովուածէն առնելով դուք ալ նզովուած ըլլաք ու Իսրայէլի բանակը նզովքի մէջ ձգելով՝ զանիկա նեղութեան մէջ ձգէք։ 19 Բոլոր արծաթն ու ոսկին եւ պղնձէ ու երկաթէ ամանները Տէրոջը համար սուրբ ըլլան. Տէրոջը գանձը մտնեն»։

20 Ժողովուրդը աղաղակեց, որովհետեւ փողերը հնչուեցան։ Երբ ժողովուրդը փողերուն ձայնը լսեց ու բարձրաձայն աղաղակեց, պարիսպները վար ինկան։ Ժողովուրդը շիտակ յառաջ քաղաքը մտնելով՝ քաղաքը առին։ 21 Ու քաղաքին մէջի բոլոր այր եւ կին, երիտասարդ եւ ծեր, արջառ, ոչխար ու էշ սուրի բերնէ անցընելով կորսնցուցին։ 22 Յեսու այն երկիրը լրտեսող երկու մարդոցն ըսաւ. «Այն պոռնիկ կնոջ տունը գացէք ու ինչպէս անոր երդում ըրիք, կինն ու անոր ամէն ունեցածը անկէ դուրս հանեցէք»։ 23 Ուստի այն լրտես երիտասարդները գացին ու Ռախաբը եւ անոր հայրն ու մայրը ու եղբայրները եւ անոր ամէն ունեցածը դուրս հանեցին ու անոր բոլոր ազգատոհմն ալ դուրս հանեցին եւ զանոնք Իսրայէլի բանակէն դուրս կեցուցին։ 24 Քաղաքը ու բոլոր անոր մէջ եղածը կրակով այրեցին, միայն արծաթն ու ոսկին եւ պղնձէ ու երկաթէ ամանները Տէրոջը տանը գանձին մէջ դրին։ 25 Այսպէս Յեսու ողջ պահեց Ռախաբ պոռնիկն ու անոր հօրը տունը եւ անոր ամէն ունեցածը ու անիկա Իսրայէլի մէջ կը բնակի մինչեւ այսօր. քանզի անիկա պահեց այն լրտեսները, որոնք Յեսու ղրկեր էր Երիքովը լրտեսելու համար։

26 Եւ այն ատեն Յեսու երդում ընելով՝ ըսաւ. «Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ ելլէ ու այս Երիքով քաղաքը շինէ. իր անդրանիկով անոր հիմերը դնէ ու անոր դռներն ալ իր պզտիկ տղայով կանգնեցնէ»։

27 Եւ Տէրը Յեսուին հետ էր ու անոր համբաւը բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ։

ԱՔԱՐԻ ՄԵՂՔԸ

7 1 Բայց Իսրայէլի որդիները նզովուած բաներու պատճառով յանցանք գործեցին. քանզի Յուդայի ցեղէն Զարայի որդիին Զարդիին որդիին Քարմիին որդին Աքար նզովուածէն առաւ։ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի որդիներուն վրայ բորբոքեցաւ։

Յեսու Երիքովէն մարդիկ ղրկեց դէպի Գայի, որ Բեթաւանի մօտ է՝ Բեթէլի արեւելեան կողմը եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ելէ՛ք ու այն երկիրը լրտեսեցէ՛ք»։ Անոնք ելան ու Գային լրտեսեցին։ Եւ Յեսուին դարձան ու անոր ըսին. «Բոլոր ժողովուրդը պէտք չէ ելլէ, միայն երկու կամ երեք հազար մարդ կը բաւէ Գային զարնելու համար։ Բոլոր ժողովուրդը հոն տանելով մի՛ յոգնեցներ. քանզի անոնք քիչուոր են»։ Ուստի ժողովուրդէն երեք հազարի չափ մարդ հոն գացին, բայց Գայիի մարդոց առջեւէն փախան։ Եւ Գայիի մարդիկը անոնցմէ երեսունըվեց մարդու չափ զարկին, քանզի զանոնք դրանը առջեւէն մինչեւ Սեբարիմ հալածեցին ու զառիվայրին վրայ զանոնք զարկին. ուստի ժողովուրդին սիրտը հալեցաւ ու ջուրի պէս եղաւ։

Յեսու իր հանդերձները պատռելով Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկաւ մինչեւ իրիկուն, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Իսրայէլի ծերերը ու իրենց գլխուն վրայ հող ցանեցին։ Յեսու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ինչո՞ւ համար այս ժողովուրդը Յորդանանի ասդիի կողմը անցուցիր, որպէս զի մեզ Ամօրհացիներուն ձեռքը մատնես ու մեզ կորսնցնե՞ս. երանի՜ թէ գոհ ըլլալով Յորդանանի անդիի կողմը մնայինք։ Ո՜հ, Տէ՛ր, Իսրայէլ իր թշնամիներուն առջեւ կռնակ դարձնելէ յետոյ՝ ալ ես ի՞նչ ընեմ. Որովհետեւ Քանանացիները ու երկրին բոլոր բնակիչները լսելով՝ մեզ պիտի պաշարեն ու մեր անունը երկրի վրայէն բոլորովին պիտի վերցնեն. այն ատեն քու մեծ անունդ ի՞նչ պիտի ընես»։

10 Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Ոտքի վրայ ելի՛ր. ինչո՞ւ համար այսպէս երեսիդ վրայ ինկեր ես. 11 Իսրայէլ մեղք գործեց եւ իմ հրամայած ուխտս զանց ըրին. քանզի նզովուածէն առին ու գողութիւն ըրին եւ սուտ խօսեցան ու իրենց կարասիներուն մէջ դրին։ 12 Ուստի Իսրայէլի որդիները պիտի չկրնան իրենց թշնամիներուն առջեւ կենալ. իրենց թշնամիներուն առջեւ կռնակ պիտի դարձնեն, քանզի նզովուած եղան եւ ա՛լ ձեզի հետ պիտի չըլլամ, եթէ դուք նզովուածը ձեր մէջէն բնաջինջ չընէք»։ 13 «Ելի՛ր, ժողովուրդը սրբէ՛ ու ըսէ՛ ‘Վաղուան համար սրբուեցէք’. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Ով Իսրայէլ, ձեր մէջ նզովուած կայ. մինչեւ որ նզովուածը ձեր մէջէն չվերցնէք, ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի չկրնաք կենալ»։ 14 Ուստի առտուն ձեր ցեղերով մօտեցէք ու Տէրը ո՛ր ցեղը վիճակով բռնէ, անիկա իր ազգատոհմերով թող մօտենայ եւ Տէրը ո՛ր ազգատոհմը բռնէ, անիկա իր տուներով թող մօտենայ ու Տէրը ո՛ր տունը բռնէ, անիկա իր մարդոցմով թող մօտենայ 15 Եւ ով որ նզովուած բռնուի, կրակով թող այրուի, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր ամէն ունեցածը. քանզի Տէրոջը ուխտը զանց ըրաւ ու Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ըրաւ»։

16 Ուստի Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու Իսրայէլը իր ցեղերովը մօտեցուց։ Յուդայի ցեղը բռնուեցաւ։ 17 Յուդայի ազգատոհմերը մօտեցուց, Զարայեաններու ազգատոհմը բռնուեցաւ ու Զարայեաններու տոհմը իր մարդոցմովը մօտեցուց եւ Զաբդի բռնուեցաւ. 18 Ետքը անոր տունը իր մարդոցմովը մօտեցուց եւ Յուդայի ցեղէն Զարայի որդիին Զաբդիի որդիին Քարմիի որդին Աքար բռնուեցաւ։ 19 Այն ատեն Յեսու Աքարին ըսաւ. «Որդի՛ս, հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ փառք տուր ու քու մեղքդ անոր խոստովանէ՛ եւ քու ըրածդ հիմա ինծի յայտնէ՛, ինձմէ մի՛ պահեր»։ 20 Աքար պատասխան տուաւ Յեսուին եւ ըսաւ. «Իրաւցնէ ես Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցի. ահա ըրածս։ 21 Այսինքն աւարին մէջ աղուոր բանուած Բաբելոնի վերարկու մը ու երկու հարիւր սիկղ արծաթ եւ յիսուն սիկղի ծանրութեամբ ոսկի լեզու մը տեսայ ու ցանկանալով առի եւ ահա անոնք իմ վրանիս մէջ հողին տակ պահուած են ու արծաթը անոր տակն է»։ 22 Ուստի Յեսու մարդիկ ղրկեց ու անոնք վրանը վազեցին եւ ահա վրանին մէջ պահուած գտան ու արծաթը անոր տակն էր. 23 Զանոնք վրանին մէջէն առնելով Յեսուին ու բոլոր Իսրայէլի որդիներուն բերին եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ դրին։

24 Այն ատեն Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ՝ Զարայեան Աքարը ու այն արծաթը եւ վերարկուն ու ոսկի լեզուն եւ անոր տղաքը, աղջիկները, արջառները, էշերը, ոչխարները, վրանն ու անոր ամէն բանը առին եւ զանոնք Աքովրի ձորը հանեցին։ 25 Յեսու ըսաւ. ‘Ինչո՞ւ համար դուն մեզ նեղեցիր. Տէրը այսօր քեզ պիտի նեղէ», ուստի բոլոր Իսրայէլ զանոնք քարկոծելէ յետոյ կրակով այրեցին։ 26 Ետքը անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին, որ կը կենայ մինչեւ այսօր։ Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դադրեցաւ։ Այս պատճառով այն տեղին անունը Աքովրի ձոր կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։

ԳԱՅԻԻ ԳՐԱՒՈՒՄԸ ԵՒ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

8 1 Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. բոլոր պատերազմիկները քեզի հետ ա՛ռ ու դէպի Գայի գնա՛, քանզի Գայիի թագաւորն ու անոր ժողովուրդը եւ անոր քաղաքն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի։ Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրածիդ պէս Գայիի ու անոր թագաւորին ալ ըրէ, միայն անոր աւարն ու անասունները ձեզի առէ՛ք։ Քաղաքին ետեւի կողմէն դարաններ պատրաստէ»։ Յեսու ու բոլոր պատերազմողները ոտքի ելան, որպէս զի Գայիի վրայ երթան. Յեսու երեսուն հազար զօրաւոր մարդ ընտրեց ու զանոնք գիշերով ղրկեց։ Անոնց պատուիրելով՝ ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, դուք քաղաքին ետեւէն այն քաղաքին համար դարանի մէջ պիտի նստիք, քաղաքէն շատ մի՛ հեռանաք եւ ամէնքդ ալ պատրաստ եղէ՛ք. Ես ինծի հետ եղող բոլոր ժողովուրդով քաղաքին պիտի մօտենամ ու երբ անոնք առաջին անգամուան պէս՝ մեզի դէմ ելլեն, անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։ Անոնք մեր ետեւէն պիտի գան, մինչեւ որ զանոնք քաղաքէն զատենք, որովհետեւ անոնք պիտի ըսեն՝ ‘Մեր ետեւէն փախան առաջին անգամուան պէս’։ Մենք անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։ Այն ատեն դուք դարանէն կ’ելլէք ու քաղաքը կ’առնէք, քանզի ձեր Տէր Աստուածը զանիկա ձեր ձեռքը պիտի տայ։ Երբ քաղաքը առնէք, քաղաքը կրակով այրեցէ՛ք. Տէրոջը ըսածին պէս։ Ահա ձեզի պատուիրեցի»։ Յեսու զանոնք ղրկեց ու անոնք գացին դարանը նստան Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ, Գայիի արեւմտեան կողմը։ Յեսու այն գիշերը ժողովուրդին մէջ մնաց։

10 Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու ժողովուրդը աչքէ անցուց եւ ինք Իսրայէլի ծերերուն հետ ժողովուրդին առջեւէն դէպի Գայի գնաց. 11 Իրեն հետ մնացող բոլոր պատերազմիկներն ալ ելան ու մօտենալով՝ քաղաքին առջեւ գացին ու Գայիի հիւսիսային կողմը բանակեցան։ Անոնց ու Գայիի մէջտեղ ձոր մը կար։ 12 Յեսու հինգ հազարի չափ մարդ առաւ ու զանոնք դարանի մէջ նստեցուց Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ քաղաքին արեւմտեան կողմը։ 13 Ու ժողովուրդը քաղաքին հիւսիսային կողմը կեցուց բոլոր բանակը։ Քաղաքին արեւմտեան կողմը՝ դարանակալները։ Յեսու այն գիշերը ձորին մէջ մնաց։

14 Երբ Գայիի թագաւորը զանիկա տեսաւ, քաղաքին մարդոցմով շուտով ու կանուխ դուրս ելաւ, որպէս զի ինք ու իր բոլոր ժողովուրդը որոշ ժամանակով մը դաշտի վրայ Իսրայէլի դէմ պատերազմին ու չէր գիտեր թէ քաղաքին ետեւը իրեն համար դարան պատրաստուած էր։ 15 Յեսու եւ բոլոր Իսրայէլ անոնց առջեւ զիրենք ծեծուածի պէս ցուցնելով՝ անապատին ճամբան փախան։ 16 Քաղաքին մէջ եղող բոլոր ժողովուրդը հաւաքուեցաւ, որպէս զի զանոնք հալածեն ու Յեսուին ետեւէն իյնալով քաղաքէն հեռացան։ 17 Գայիի ու Բեթէլի մէջ մարդ չմնաց, որ Իսրայէլի ետեւէն չերթայ, ուստի քաղաքը բաց թողուցին ու Իսրայէլի ետեւէն ինկան։

18 Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Ձեռքդ եղած նիզակը դէպի քաղաքը երկնցուր, քանզի զանիկա քու ձեռքդ պիտի տամ»։ Յեսու ձեռքը եղած նիզակը դէպի քաղաքը երկնցուց 19 Ու դարանակալները շուտով իրենց տեղէն ելան եւ անիկա իր ձեռքը երկնցուցածին պէս, վազեցին քաղաքը մտան ու առին զանիկա եւ շուտով քաղաքը կրակով բռնկցուցին։ 20 Գայիի բնակիչները ետեւնին դարձան ու տեսան, որ քաղաքին ծուխը մինչեւ երկինք կ’ելլէր եւ իրենք հոս կամ հոն փախչելու կարողութիւն չունէին. քանզի անապատը փախչող ժողովուրդն ալ իր ետեւէն ինկողներուն վրայ դարձաւ։ 21 Յեսու ու բոլոր Իսրայէլ երբ տեսան, որ դարանակալները քաղաքը առին ու քաղաքին ծուխը վեր կ’ելլէր, իրենք ալ ետ դարձան ու Գայիի մարդիկը զարկին։ 22 Միւսներն ալ քաղաքէն անոնց դէմը ելան, ուստի մէկ կողմէ ասոնք ու միւս կողմէ ալ անոնք ըլլալով, Գայիի մարդիկը Իսրայելացիներուն մէջտեղ մնացին։ Զանոնք զարկին մինչեւ որ անոնցմէ մարդ մը ողջ չմնաց ու չազատեցաւ։ 23 Գայիի թագաւորը ողջ բռնեցին ու զանիկա Յեսուին բերին։

24 Երբ Իսրայելացիները Գայիի բոլոր բնակիչները՝ զիրենք հալածողները՝ դաշտին ու անապատին մէջ ջարդեցին ու ամէնքն ալ սուրի բերնէ իյնալով հատան, բոլոր Իսրայելացիները Գայի դարձան ու զանիկա սուրի բերնէ անցուցին։ 25 Այն օրը ինկածները, թէ՛ այր մարդ եւ թէ՛ կին մարդ, տասներկու հազար էին, այսինքն Գայիի բոլոր մարդիկը։ 26 Յեսու նիզակով երկնցուցած ձեռքը ետ չքաշեց մինչեւ որ Գայիի բոլոր բնակիչները բնաջինջ ըրաւ։ 27 Իսրայելացիները անասուններն ու քաղաքին աւարը իրենց առին, Տէրոջը Յեսուին հրամայած խօսքին համեմատ։ 28 Եւ Յեսու Գային այրեց։ Անիկա մշտնջենական աւերակներու դէզ եղաւ մինչեւ այսօր։ 29 Եւ Գայիի թագաւորը ծառէ մը կախեցին մինչեւ իրիկուն ու արեւին մտնելու ատենը՝ Յեսու հրամայեց որ անոր մեռած մարմինը ծառէն վար իջեցնեն եւ զանիկա քաղաքին դրանը առջեւ նետեցին ու անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին, որ կը կենայ մինչեւ այսօր։

ԳԵԲԱՂ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ ՕՐԷՆՔԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ

30 Այն ատեն Յեսու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սեղան մը շինեց Գեբաղ լերան վրայ, 31 Ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեր էր ու Մովսէսի օրէնքներու գրքին մէջ գրուածին պէս՝ Յեսու այս սեղանը ամբողջ քարերէ շինեց, որոնց վրայ երկաթ չէր դպած եւ անոր վրայ Տէրոջը ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։ 32 Եւ հոն այն քարերուն վրայ գրեց Մովսէսին օրէնքներու գրքին օրինակը, որ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գրեց։ 33 Ու բոլոր Իսրայէլ եւ անոնց ծերերն ու ոստիկանները եւ դատաւորները տապանակին մէկ կողմը ու միւս կողմը՝ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն առջեւէն կ’երթային, թէ՛ օտարականները եւ թէ՛ բնիկները. անոնց կէսը Գարիզին լերանը կողմը ու կէսն ալ Գեբաղ լերանը կողմը կայնեցան, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր, որպէս զի Իսրայէլի ժողովուրդը օրհնեն։ 34 Անկէ յետոյ օրէնքին բոլոր խօսքերը կարդաց, թէ՛ օրհնութիւնները եւ թէ՛ անէծքները, ինչ որ գրուած էր օրէնքներու գրքին մէջ։ 35 Մովսէսի բոլոր պատուէրներէն բնաւ խօսք մը չմնաց, որ Յեսու զանիկա Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին եւ անոնց կիներուն ու տղաքներուն եւ անոնց մէջ պտըտող օտարականին առջեւ չկարդայ։

ՔԵՏԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ԽԱԲԵՆ ՅԵՍՈՒՆ

9 1 Յորդանանի ասդիի կողմը եղող բոլոր թագաւորները, որոնք լերան վրայ, դաշտի վրայ ու մեծ ծովուն բոլոր եզերքը մինչեւ Լիբանանի դէմը կը բնակէին, այսինքն Քետացիները, Ամօրհացիները եւ Յեբուսացիները, այս բաները լսեցին, Միաբանութեամբ հաւաքուեցան որպէս զի Յեսուին ու Իսրայէլի դէմ պատերազմին։

Բայց Գաբաւոնի բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Յեսու Երիքովի ու Գայիի ըրեր էր, Իրենք ալ վարպետութիւն մը բանեցուցին. գացին պաշարներ պատրաստեցին ու իրենց էշերուն վրայ հին քուրձեր ու հին, պատռտած ու կարկտնուած գինիի տիկեր դրին Եւ իրենց ոտքերուն կօշիկները հինցած ու կարկտնուած էին ու վրանին ալ հին լաթեր առին եւ բոլոր իրենց պաշար առած հացը չորցած ու մգլոտած էր Ու Յեսուին բանակը գացին՝ Գաղգաղայի մէջ եւ անոր ու Իսրայէլի մարդոց ըսին. «Մենք հեռու երկրէ կու գանք. ուստի մեզի հետ դաշինք կնքեցէք»։ Այն ատեն Իսրայէլի մարդիկը այն Խեւացիներուն ըսին. «Թերեւս դուք մեր մէջ բնակիք, ձեզի հետ ի՞նչպէս դաշինք կնքենք»։ Բայց անոնք Յեսուին ըսին. «Մենք քու ծառաներդ ենք»։ Յեսու անոնց ըսաւ. «Դուք ո՞վ էք եւ ուրկէ՞ կու գաք»։ Անոնք ըսին. «Քու ծառաներդ խիստ հեռու երկրէ եկած ենք՝ քու Եհովա Աստուծոյդ անուանը համար, քանզի անոր համբաւը ու Եգիպտոսի մէջ բոլոր ըրածները լսեցինք։ 10 Նաեւ Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներուն երկու թագաւորներուն, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին ու Աստարովթ բնակող Բասանի Ովգ թագաւորին բոլոր ըրածները լսեցինք։ 11 Մեր ծերերն ու մեր երկրին բոլոր բնակիչները մեզի խօսեցան ու ըսին. ‘Ձեռքերնիդ ճամբու համար պաշար առէք եւ զանոնք դիմաւորելու գացէք ու անոնց ըսէք. «Մենք ձեր ծառաներն ենք, հիմա մեզի հետ դաշինք կնքեցէք’»։ 12 Այն օրը երբ մենք ելանք, այս պաշարի հացերնիս մեր տուներէն տաք տաք առինք եւ ահա հիմա չորցած ու մգլոտած են։ 13 Այս գինիի տիկերը նոր էին, երբ լեցուցինք, բայց ահա պատռուած են ու այս մեր հանդերձները եւ կօշիկները ճամբուն խիստ երկայնութեանը համար հինցան»։ 14 Անոնց պաշարին նայելով՝ այն մարդիկը ընդունեցին, առանց Տէրոջը հարցնելու։ 15 Յեսու անոնց հետ խաղաղութիւն ըրաւ եւ ուխտեց որ զանոնք ապրեցնէ եւ ժողովուրդին իշխաններն ալ անոնց երդում ըրին։

16 Անոնց հետ դաշինք կնքելէ երեք օր յետոյ լսեցին թէ անոնք իրենց դրացիներն են ու իրենց մէջ կը բնակին։ 17 Իսրայէլի որդիները չուելով՝ երրորդ օրը անոնց քաղաքները մտան ու անոնց քաղաքները Գաբաւոն, Կեփիրա, Բերովթ եւ Կարիաթարիմ էին։ 18 Իսրայէլի որդիները զանոնք չզարկին, քանզի ժողովուրդին իշխանները Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրեր էին, բայց ժողովուրդը իշխաններուն դէմ տրտնջեցին։

19 Իշխանները բոլոր ժողովուրդին ըսին. «Մենք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրինք ու չենք կրնար անոնց դպչիլ։ 20 Անոնց այսպէս ընենք։ Զանոնք ողջ թողունք, որպէս զի մեր վրայ բարկութիւն չգայ անոնց երդում ընելնուս համար»։ 21 Ուստի իշխանները անոնց ըսին. «Թող ողջ մնան, բայց բոլոր ժողովուրդին փայտահատներ ու ջրկիրներ ըլլան»։ Անոնք փայտահատներ ու ջրկիրներ եղան, ինչպէս իշխանները անոնց ըսին։

22 Յետոյ Յեսու զանոնք կանչեց ու անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար մեզ խաբեցիք ու ըսիք թէ շատ հեռուէն կու գանք, մինչդեռ մեր մէջ կը բնակէիք։ 23 Ուրեմն դուք հիմա անիծեալ էք ու իմ Աստուծոյս տանը համար ձեզմէ ծառայ, փայտահատ ու ջրկիր թող չպակսի»։ 24 Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քանզի քու ծառաներդ ստուգիւ իմացան, որ քու Եհովա Աստուածդ իր ծառային Մովսէսին խոստացեր էր այս երկիրը ձեզի տալու ու այս երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն բնաջինջ ընելու, ուստի մենք մեր անձերուն համար շատ վախցանք ու այս բանը ըրինք։ 25 Ահա հիմա քու ձեռքդ ենք եւ քեզի ինչ որ հաճոյ ու արդար կ’երեւնայ, զայն ըրէ մեզի»։ 26 Յեսու զանոնք Իսրայէլի որդիներուն ձեռքէն ազատեց ու զանոնք չմեռցուցին։ 27 Յեսու նոյն օրը փայտահատ ու ջրկիր ըրաւ զանոնք ժողովուրդին ու Տէրոջը սեղանին համար, որպէս զի Տէրոջը ընտրելու տեղը ծառայեն մինչեւ վերջը։

ԱՄՕՐՀԱՑԻՆԵՐԸ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՆ

10 1 Երբ Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը լսեց թէ Յեսու Գային առաւ ու զանիկա բոլորովին կործանեց եւ թէ ինչ որ Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրաւ, Գայիի ու անոր թագաւորին ալ այնպէս ըրաւ եւ թէ Գաբաւոնի բնակիչները Իսրայելացիներու հետ հաշտութիւն կնքած են ու անոնց մէջ մնացած, Շատ վախցան ինք ու իր ժողովուրդը. քանզի Գաբաւոն թագաւորանիստ քաղաքի մը պէս մեծ քաղաք մըն էր ու անիկա Գայիէն մեծ էր եւ անոր բոլոր մարդիկը զօրաւոր էին։ Ասոր համար Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը Քեբրոնի Հօհամ թագաւորին, Յերիմութի Փիրամ թագաւորին ու Լաքիսի Յափիէ թագաւորին ու Էգղոնի Դաբիր թագաւորին մարդ ղրկեց, ըսելով. «Ինծի եկէ՛ք ու ինծի օգնութիւն ըրէք, որպէս զի Գաբաւոնը զարնենք. քանզի Յեսուի հետ ու Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ըրաւ»։ Ուստի Ամօրհացիներու հինգ թագաւորները, Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը, հաւաքուեցան եւ իրենք ու իրենց բոլոր բանակները եկան եւ Գաբաւոնի քով բանակ դրին ու անոր դէմ պատերազմեցան։

Գաբաւոնի բնակիչները Գաղգաղա մարդ ղրկեցին Յեսուին՝ ըսելով. «Քու ծառաներէդ ձեռքդ մի՛ քաշեր, շուտով մեզի եկուր, մեզի օգնէ ու մեզ ազատէ. քանզի լեռնաբնակ Ամօրհացիներուն բոլոր թագաւորները մեր վրայ յարձակեցան»։ Յեսու ինք ու իրեն հետ բոլոր պատերազմիկները եւ զօրքին բոլոր զօրաւորները Գաղգաղայէն ելան։ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Անոնցմէ մի՛ վախնար, քանզի զանոնք քու ձեռքդ տուի. անոնցմէ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ քու առջեւդ կայնիլ»։ Յեսու Գաղգաղայէն բոլոր գիշերը քալելով՝ յանկարծակի անոնց վրայ հասաւ։ 10 Տէրը խռովեցուց զանոնք Իսրայէլի առջեւ եւ զանոնք Գաբաւոնի մօտ մեծ կոտորածով մը կոտորեց ու զանոնք Բեթորոն ելլելու ճամբուն վրայ հալածեց եւ զանոնք մինչեւ Ազեկա ու Մակեդա զարկաւ։ 11 Երբ անոնք Իսրայէլի առջեւէն կը փախչէին ու Բեթորոնէ վար կ’իջնէին, Տէրը անոնց վրայ երկնքէն կարկուտի պէս մեծ քարեր թափեց մինչեւ Ազեկա ու մեռան։ Կարկուտին քարերէն մեռնողները Իսրայէլի որդիներուն սրով մեռցուցածներէն շատ էին։

12 Այն ատեն Յեսու Տէրոջը հետ խօսեցաւ, այն օրը որ Տէրը Ամօրհացիները Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը տուաւ ու Իսրայէլի առջեւ ըսաւ. «Արե՛ւ, դուն Գաբաւոնի դէմը կայնէ՛. Լուսի՛ն, դուն ալ Այեղոնի ձորին դէմը կայնէ՛»։ 13 Ու արեւը կայնեցաւ եւ լուսինը իր տեղը մնաց, մինչեւ որ ժողովուրդը իր թշնամիներէն վրէժ առաւ։ Միթէ ասիկա Ուղիղին գրքին մէջ գրուած չէ՞. ուստի արեւը երկնքին մէջտեղը կայնեցաւ ու լման մէկ օրուան չափ չմարեցաւ։ 14 Անոր պէս օր մը չեղաւ՝ ո՛չ առաջ ու ո՛չ ետքը՝ երբ Տէրը մարդու ձայնը լսեց. քանզի Տէրը Իսրայէլի համար պատերազմեցաւ։

ՅԵՍՈՒ ՀԻՆԳ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐ ԳԵՐԻ Կ’ԱՌՆԷ

15 Ապա Յեսու ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ Գաղգաղա՝ բանակը դարձան։ 16 Հինգ թագաւորները փախան ու Մակեդա այրին մէջ պահուեցան։ 17 Եւ Յեսուին իմացուցին. «Այն հինգ թագաւորները Մակեդա, այրին մէջ, պահուած են»։ 18 Յեսու ըսաւ. «Այրին բերանը մեծ քարեր գլորեցէք ու անոր վրայ մարդիկ դրէք, որպէս զի պահպանութիւն ընեն. 19 Բայց դուք մի՛ կայնիք, ձեր թշնամիները հալածեցէ՛ք ու անոնց վերջապահները զարկէք եւ անոնց մի՛ թողուք, որ իրենց քաղաքները մտնեն. քանզի ձեր Տէր Աստուածը զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց»։ 20 Ու Յեսու Իսրայէլի որդիներուն հետ զանոնք խիստ մեծ կոտորածով մը կոտորեց ու զանոնք հատցուց, լմնցուց։ Եւ անոնց փախստականները պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտան։ 21 Բոլոր ժողովուրդը խաղաղութեամբ Մակեդա՝ բանակը՝ Յեսուի դարձաւ ու Իսրայէլի որդիներուն դէմ բնաւ մէկը իր լեզուն չշարժեց։

22 Այն ատեն Յեսու ըսաւ. «Այրին բերանը բացէք ու այրէն այն հինգ թագաւորները հանեցէ՛ք, ինծի բերէ՛ք»։ 23 Այնպէս ըրին ու այրէն այն հինգ թագաւորները, այսինքն Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը, հանեցին անոր տարին։ 24 Եւ երբ այս թագաւորները Յեսուի առջեւ ելան, Յեսու Իսրայէլի բոլոր մարդիկը կանչեց ու իրեն հետ գացող պատերազմիկներուն գլխաւորներուն ըսաւ. «Մօտեցէ՛ք ու ձեր ոտքերը այս թագաւորներուն պարանոցներուն վրայ դրէ՛ք»։ Անոնք մօտեցան եւ իրենց ոտքերը անոնց պարանոցներուն վրայ դրին։ 25 Յեսու անոնց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք, ուժովցէ՛ք եւ քաջասի՛րտ եղէք. քանզի Տէրը այսպէս պիտի ընէ ձեր բոլոր թշնամիներուն, որոնց հետ դուք պիտի պատերազմիք»։ 26 Ապա Յեսու զանոնք զարկաւ մեռցուց ու հինգ ծառէ կախեց։ Ծառերուն վրայ մինչեւ իրիկուն կախուած մնացին։ 27 Արեւին մտնելու ատենը Յեսու հրամայեց ու զանոնք ծառերուն վրայէն իջեցուցին եւ իրենց պահուած այրին մէջ նետեցին զանոնք ու այրին բերանը մեծ քարեր դրին։ Ատոնք դեռ կը կենան մինչեւ այսօր։

ՅԵՍՈՒ ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԿԸ ԳՐԱՒԷ

28 Յեսու նոյն օրը Մակեդան ալ առաւ ու զանիկա սուրի բերնէ անցուց եւ անոր թագաւորն ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուց եւ մէ՛կը ողջ չթողուց։ Մակեդայի թագաւորին ալ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրած էր։

29 Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Մակեդայէն Լեբնա անցան ու Լեբնայի դէմ պատերազմեցան։ 30 Տէրը զանիկա ալ անոր թագաւորովը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց։ Զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին ու մէ՛կը ողջ չթողուցին։ Անոր Թագաւորին այնպէս ըրին, ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրած էին։

31 Ապա Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Լեբնայէն Լաքիս անցան եւ անոր քով բանակելով անոր դէմ պատերազմեցան։ 32 Տէրը Լաքիսը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց եւ երկրորդ օրը զանիկա առնելով, զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդերը սուրի բերնէ անցուցին՝ ինչպէս Լեբնային ըրած էին։

33 Այն ատեն Գազերի Հօրամ թագաւորը Լաքիսին օգնութեան եկաւ։ Յեսու զանիկա ու անոր ժողովուրդն ալ կոտորեց, այնպէս որ անոնցմէ մէ՛կը ողջ չմնաց։

34 Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Լաքիսէն Էգղոն անցան եւ անոր քով բանակելով, անոր դէմ պատերազմ ըրին։ 35 Նոյն օրը զանիկա առնելով սուրի բերնէ անցուցին։ Յեսու նոյն օրը անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուց, ինչպէս Լաքիսի ըրած էր։

36 Յետոյ Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Էգղոնէն Քեբրոն գացին ու անոր դէմ պատերազմ ըրին։ 37 Զանիկա առնելէ ետքը սուրի բերնէ անցուցին զանիկա ու անոր թագաւորը եւ անոր բոլոր քաղաքները ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը եւ մէ՛կը ողջ չթողուցին, ինչպէս Էգղոնին ըրին. այսպէս զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուցին։

38 Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Դաբիր դարձան ու անոր դէմ պատերազմեցան։ 39 Զանիկա ու անոր թագաւորը եւ անոր բոլոր քաղաքները առին ու զանոնք սուրի բերնէ անցուցին եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուցին ու մէ՛կը ողջ չթողուցին. ինչպէս Քեբրոնի ըրին եւ ինչպէս Լեբնայի ու անոր թագաւորին ըրին, նոյնպէս ալ Դաբիրին ու անոր թագաւորին ըրին։

40 Եւ Յեսու բոլոր լեռնային, հարաւային դաշտային երկիրները եւ անոնց բոլոր թագաւորները զարկաւ ու մէ՛կը ողջ չթողուց, հապա ամէն շնչաւոր մեռցուց, ինչպէս Իսրայէլի Տէր Աստուածը պատուիրեր էր։ 41 Յեսու Կադէս–Բառնեայէն մինչեւ Գազա ու բոլոր Գոսոմի երկիրը մինչեւ Գաբաւոն զանոնք զարկաւ։ 42 Եւ այս բոլոր թագաւորները եւ անոնց երկիրը Յեսու մէկէն առաւ. քանզի Իսրայէլի համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը պատերազմ կ’ընէր։ 43 Եւ Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Գաղգաղա՝ բանակը դարձան։

ՅԵՍՈՒ ՅԱԲԻՆԻՆ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ

11 1 Հասորի Յաբին թագաւորը, երբ այս բաները լսեց, Մադոնի Յոբաբ թագաւորին եւ Սամրօնի թագաւորին ու Աքսափի թագաւորին Եւ հիւսիսային լեռներն ու Քեներեթի հարաւային դաշտն ու հովիտը եւ արեւմտեան կողմը՝ Դովրի գաւառներուն մէջ եղող թագաւորներուն, Արեւելեան ու արեւմտեան կողմը եղող Քանանացիներուն, Ամօրհացիներուն, Քետացիներուն, Փերեզացիներուն ու լեռնաբնակ Յեբուսացիներուն եւ Հերմոնի տակ Մասփայի երկիրը եղող Խեւացիներուն մարդ ղրկեց։ Անոնք իրենց բոլոր բանակներովը ու շատ ժողովուրդով եկան, որոնք ծովեզերքի աւազին չափ բազմաթիւ էին եւ իրենց հետ խիստ շատ ձիեր ու կառքեր առին։ Այս բոլոր թագաւորները միաբանելով մէկտեղ գացին՝ Մառօնի ջուրին քով բանակեցան, որպէս զի Իսրայէլին դէմ պատերազմին։

Եւ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, քանզի վաղը այս ատեն ես անոնց ամէնքը Իսրայէլի առջեւ կոտորուելու պիտի մատնեմ. անոնց ձիերուն ջիղերը կտրէ ու անոնց կառքերն ալ կրակով այրէ՛»։ Ուստի Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր պատերազմող ժողովուրդը յանկարծակի Մառօնի ջուրին քով անոնց դէմ երթալով վրանին յարձակեցան։ Տէրը զանոնք Իսրայէլին ձեռքը տուաւ ու զանոնք զարկին եւ մինչեւ մեծ Սիդոն ու Մասրեփօթ–Մայիմ եւ մինչեւ Մասփայի հովիտը դէպի արեւելք հալածեցին ու զանոնք զարկին՝ այնպէս որ անոնցմէ մէ՛կը չազատեցաւ։ Յեսու անոնց այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր։ Անոնց ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնց կառքերը կրակով այրեց։

10 Նոյն ատեն Յեսու դարձաւ՝ Հասորը առաւ ու անոր թագաւորը սրով մեռցուց. քանզի Հասոր առաջ այս բոլոր թագաւորութիւններուն գլուխն էր։ 11 Եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին ու բնաջինջ ըրին. բնաւ շնչաւոր մը չմնաց ու Հասորը կրակով այրեց։ 12 Յեսու այս թագաւորներուն բոլոր քաղաքները ու անոնց բոլոր թագաւորները առաւ եւ զանոնք սուրի բերնէ անցընելով բնաջինջ ըրաւ, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր։ 13 Բայց Իսրայէլ չայրեց այն քաղաքները՝ որոնք իրենց հողաբլուրներովը կը կենային, միայն Հասորը՝ որ Յեսու այրեց։ 14 Այս քաղաքներուն բոլոր աւարն ու անասունները Իսրայէլի որդիները իրենց առին, բայց բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ըրին ու բնաւ շնչաւոր մը չթողուցին։ 15 Ինչպէս Տէրը իր Մովսէս ծառային պատուիրեր էր, նոյնպէս ալ Մովսէս Յեսուին պատուիրեց ու Յեսու ալ այնպէս ըրաւ եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, անոնցմէ մէ՛կը զանց չըրաւ։

ՅԵՍՈՒԻ ԳՐԱՒԱԾ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ

16 Յեսու այն բոլոր երկիրը առաւ, լեռնակողմն ու բոլոր հարաւային կողմը եւ բոլոր Գոսոմի երկիրը, հովիտն ու դաշտը եւ Իսրայէլի լեռն ու անոր հովիտը, 17 Սէիր ելլող Քալակ լեռնէն մինչեւ Հերմոն լերանը տակ Լիբանանի հովտին մէջ եղող Բաաղգադը եւ անոնց բոլոր թագաւորները բռնեց եւ զանոնք զարկաւ մեռցուց։ 18 Յեսու այս բոլոր թագաւորներուն հետ շատ օրեր պատերազմ ըրաւ։ 19 Գաբաւոնի մէջ բնակող Խեւացիներէն զատ Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ընող քաղաք մը չգտնուեցաւ, ամէնքն ալ պատերազմով առնուեցան. 20 Քանզի անոնց սրտին կարծրանալը ու պատերազմով Իսրայէլի դէմ դնելը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի առանց ողորմութեան զանոնք կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։

21 Եւ այն ատեն Յեսու գնաց ու լեռներէն, Քեբրոնէն, Դաբիրէն, Անաբէն ու Յուդայի բոլոր լեռներէն եւ Իսրայէլի բոլոր լեռներէն Ենակիմները կոտորեց. Յեսու զանոնք իրենց քաղաքներով մէկտեղ կորսնցուց։ 22 Իսրայէլի որդիներուն երկրին մէջ Ենակիմներէն մէկը չմնաց, բացի Գազայի, Գէթի ու Ասեդովթի մէջ մնացին։

23 Յեսու բոլոր երկիրը առաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Յեսու զանիկա Իսրայէլի ժառանգութիւն տուաւ, անոնց ցեղերուն բաժիններուն համեմատ ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։

ՄՈՎՍԷՍԷՆ ՊԱՐՏՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ

12 1 Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Իսրայէլի որդիները զարկին ու անոնց երկիրները առին, Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք, Առնոն ձորէն մինչեւ Հերմոն լեռը՝ արեւելեան կողմին բոլոր դաշտովը, Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորը, որ կը տիրէր Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն եւ ձորին մէջտեղէն ու Գաղաադի կէսէն մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը Նաեւ դաշտին արեւելեան կողմէն մինչեւ Քեներեթի ծովը ու արեւելեան կողմէն Բեթեսիմօթին ճամբան ու հարաւային կողմէն Ասեդովթ–Փասգային տակ՝ մինչեւ դաշտի ծովը, այսինքն մինչեւ աղի ծովը։ Հսկաներուն մնացորդէն Բասանի Ովգ թագաւորին սահմանը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը բնակէր Եւ կը տիրէր Հերմոն լերանը ու Սելքայի եւ բոլոր Բասանի մինչեւ Գեսուրացիներուն եւ Մաքաթացիներուն սահմանը ու մինչեւ Գաղաադի կէսը, որ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին սահմանն էր։ Ասոնք Տէրոջը ծառան Մովսէսը Իսրայէլի որդիներուն հետ զարկաւ ու ասոնց երկիրները Տէրոջը ծառան Մովսէսը Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին ժառանգութիւն տուաւ։

ՅԵՍՈՒԷՆ ՊԱՐՏՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ

Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Յեսու ու Իսրայէլի որդիները զարկին Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւմուտք, Լիբանանի հովիտին մէջ եղող Բաաղգադէն մինչեւ Քալակ լեռը, որ Սէիր կ’ելլէ։ Յեսու անոնց երկիրները Իսրայէլի ցեղերուն ժառանգութիւն տուաւ իրենց վիճակներուն համեմատ՝ Լեռներուն ու հովիտներուն եւ դաշտերուն մէջ ու լեռներուն ստորոտները եւ անապատը ու հարաւային կողմը բնակող Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները, Երիքովի թագաւորը, Բեթէլի քով եղող Գայիի թագաւորը, 10 Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, 11 Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորը, 12 Էգղոնի թագաւորը, Գազերի թագաւորը, 13 Դաբիրի թագաւորը, Գադերի թագաւորը, 14 Հօրմայի թագաւորը, Արադի թագաւորը, 15 Լեբնայի թագաւորը, Ոդողոմի թագաւորը, 16 Մակեդայի թագաւորը, Բեթէլի թագաւորը, 17 Թափուայի թագաւորը, Ոփերի թագաւորը, 18 Ափէկի թագաւորը, Լասարօնի թագաւորը, 19 Մադոնի թագաւորը, Հասորի թագաւորը, 20 Սամրօն–Մառօնի թագաւորը, Աքսափի թագաւորը, 21 Թանաքի թագաւորը, Մակեդդովի թագաւորը, 22 Կադէսի թագաւորը, Կարմեղոս եղած Յեկնամի թագաւորը, 23 Դովրի գաւառին մէջ Դովրի թագաւորը, Գաղգաղայի Գոյիմի թագաւորը, 24 Թերսայի թագաւորը. բոլորը՝ երեսունըմէկ հոգի էին։

ԴԵՌ ՉԱՌՆՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐՆԵՐ

13 1 Երբ Յեսու ծերացաւ ու տարիքը առաւ, Տէրը անոր ըսաւ. «Դուն ծերացար ու տարիքդ առիր եւ տակաւին խիստ շատ երկիր մնաց ժառանգելու. Մնացած երկիրները ասոնք են՝ Փղշտացիներուն սահմանները ու բոլոր Գեսուրը, Եգիպտոսի դէմ եղող Սիովրէն մինչեւ Քանանացիներուն սեպուած Ակկարոնի սահմանին հիւսիսային կողմը, Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները, այսինքն Գազացիներուն, Ազովտացիներուն, Ասկաղոնացիներուն, Գեթացիներուն, ու Ակկարոնացիներուն, նաեւ Աւացիներուն երկիրը։ Հարաւային կողմէն՝ Քանանացիներուն բոլոր երկիրն ու Սիդոնացիներուն Մէարան, մինչեւ Ափէկ ու մինչեւ Ամօրհացիներուն սահմանը Եւ Գեբաղացիներուն երկիրն ու արեւելեան կողմէն բոլոր Լիբանանը, Հերմոն լերան տակ եղող Բաաղգադէն մինչեւ Եմաթի մուտքը, Բոլոր լեռնաբնակները Լիբանանէն մինչեւ Մասրեփօթ–Մայիմ, բոլոր Սիդոնացիները. զանոնք Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն ես պիտի վռնտեմ. միայն թէ դուն իբր ժառանգութիւն Իսրայէլին բաժնէ երկիրը, ինչպէս քեզի պատուիրեցի»։

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

Հիմա այս երկիրը իբր ժառանգութիւն բաժնէ ինը ցեղին ու Մանասէին կէս ցեղին. Քանզի Ռուբէնեաններն ու Գադեանները անոր միւս կէսին հետ առին իրենց ժառանգութիւնը, որ Մովսէս Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք անոնց տուաւ, Տէրոջը ծառային Մովսէսին տուածին պէս։ Առնոն ձորին եզերքին վրայ եղող Արոէրէ ու ձորին մէջ եղող քաղաքէն, Մեդաբայի բոլոր դաշտովը, մինչեւ Դեբոն 10 Ու Եսեբոնի մէջ թագաւորող՝ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին բոլոր քաղաքները, մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը 11 Եւ Գաղաադն ու Գեսուրացիներուն ու Մաքաթացիներուն սահմանը եւ բոլոր Հերմոն լեռն ու բոլոր Բասանը մինչեւ Սելքա. 12 Բասանի մէջ Ովգի բոլոր թագաւորութիւնը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը թագաւորէր եւ հսկաներուն մնացորդէն անիկա մնացեր էր. բայց Մովսէս զանոնք զարկաւ ու վռնտեց։ 13 Եւ Իսրայէլի որդիները Գեսուրացիներն ու Մաքաթացիները չվռնտեցին եւ Գեսուրացիներն ու Մաքաթացիները մինչեւ այսօր Իսրայէլի մէջ բնակեցան։ 14 Միայն Ղեւիի ցեղին ժառանգութիւն չտուաւ. անոր ժառանգութիւնը Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն մատուցուած պատարագներն են, ինչպէս անոր ըսեր էր։

ՌՈՒԲԷՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

15 Եւ Մովսէս Ռուբէնին որդիներուն ցեղին, անոնց ազգատոհմերուն համեմատ, ժառանգութիւն տուաւ 16 Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Առնոն ձորին եզերքին վրայ եղող Արոէրէն ու ձորին մէջ եղող քաղաքէն, Մեդաբայի քով եղած բոլոր դաշտը, 17 Եսեբոնն ու անոր բոլոր դաշտային քաղաքները՝ Դեբոն, Բամօթ–Բահաղ ու Բեթբէէլմօն 18 Եւ Յասսա ու Կադեմօթ ու Մեփայաթ 19 Եւ Կարիաթեմ ու Սեբամա եւ Սարեթ–Սահառ Եմակ լերան վրայ 20 Ու Բեթփեգովր եւ Ասեդովթ–Փասգա ու Բեթեսիմօթ 21 Եւ դաշտին բոլոր քաղաքները ու Եսեբոնի մէջ թագաւորող՝ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին բոլոր թագաւորութիւնը, որ Մադիամի իշխանները, Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը ու Ռօբէն, այն երկրին մէջ բնակող Սեհոնի նախարարները, Մովսէս զարկաւ։ 22 Եւ Իսրայէլի որդիները Բէովրեան Բաղաամ հարցուկն ալ սրով մեռցուցին միւս սպաննուածներուն հետ։ 23 Ռուբէնին որդիներուն սահմանը Յորդանանը եղաւ որպէս սահմանագլուխ։ Ռուբէնին որդիներուն ազգատոհմերուն ժառանգութիւնը ասիկա է, այս քաղաքներն ու ասոնց գիւղերը։

ԳԱԴԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

24 Մովսէս Գադի ցեղին, Գադին որդիներուն, իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ժառանգութիւն տուաւ։ 25 Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Յազեր ու բոլոր Գաղաադի քաղաքները եւ Ամմոնի որդիներուն երկրին կէսը մինչեւ Արոէր, որ Ռաբբայի դէմն էր։ 26 Ու Եսեբոնէն մինչեւ Մասփայի Ռամովթը ու Բոտանիմ եւ Մանայիմէն մինչեւ Դաբիրի սահմանը 27 Ու հովիտին մէջ՝ Բեթարամ ու Բեթնամրա, Սոկքովթ ու Սափոն՝ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին Թագաւորութեան մնացորդը, Յորդանան ու անոր սահմանը, մինչեւ Քեներեթի ծովուն եզերքը, Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք։ 28 Գադին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու ասոնց գիւղերը։

ՄԱՆԱՍԷԻՆ ԿԷՍ ՑԵՂԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

29 Եւ Մովսէս Մանասէին կէս ցեղին ալ ժառանգութիւն տուաւ, որ Մանասէին որդիներուն կէս ցեղին եղաւ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։ 30 Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Մանայիմէն՝ Բասանի Ովգ թագաւորին բոլոր թագաւորութիւնը, բոլոր Բասանն ու Բասանի մէջ եղող Յայիրի բոլոր գիւղաքաղաքները՝ վաթսուն քաղաք 31 Ու Գաղաադին կէսը եւ Աստարովթ ու Եդրայի, Բասանի մէջ Ովգի թագաւորութեան քաղաքները, Մանասեան Մաքիրին որդիներուն եղան, այսինքն Մաքիրին որդիներուն կէսին՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։

32 Ասոնք են այն քաղաքները, որոնք Մովսէս Մովաբի դաշտերուն մէջ՝ Երիքովի դէմ Յորդանանի անդիի կողմը՝ դէպի արեւելք՝ ժառանգութիւն տուաւ։ 33 Բայց Մովսէս Ղեւիի ցեղին ժառանգութիւն չտուաւ. անոնց ժառանգութիւնը Իսրայէլի Տէր Աստուածն է, ինչպէս անոնց ըսաւ։

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

14 1 Քանանի երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգած տեղերը ասոնք են, որոնք Եղիազար քահանան եւ Նաւեան Յեսու ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետական իշխանները իբր ժառանգ տուին անոնց։ Ինն ու կէս ցեղերուն վիճակով տրուեցաւ անոնց ժառանգութիւնը, ինչպէս Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեր էր։ Քանզի Մովսէս երկուք ու կէս ցեղերուն Յորդանանի անդիի կողմը ժառանգութիւն տուեր էր. բայց անոնց մէջ՝ Ղեւտացիներուն ժառանգութիւն տուած չէր. Որովհետեւ Յովսէփին որդիները երկու ցեղ էին, Մանասէն ու Եփրեմը ու երկրին մէջ Ղեւտացիներուն բաժին չտուին, բայց միայն քաղաքներ՝ բնակելու համար ու արուարձաններն ալ՝ անոնց խաշինքներուն եւ ստացուածքներուն համար։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին ու երկիրը բաժնեցին։

ՔԵԲՐՈՆԸ ՔԱՂԷԲԻՆ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

Եւ Յուդային որդիները Գաղգաղայի մէջ Յեսուին մօտեցան ու Կենեզեան Յեփոնէին որդին Քաղէբ անոր ըսաւ. «Դուն գիտես այն խօսքը, որ Տէրը Կադէս–Բառնեայի մէջ Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին հետ խօսեցաւ ինծի ու քեզի համար։ Երբ Տէրոջը ծառան Մովսէս զիս Կադէս–Բառնեայէն ղրկեց երկիրը լրտեսելու համար, ես քառասուն տարեկան էի ու սրտիս մէջ եղածին պէս անոր լուր բերի. Սակայն ինծի հետ գացող եղբայրներս ժողովուրդին սիրտը թուլցուցին. բայց ես իմ բոլոր սրտովս իմ Տէր Աստուծոյս հնազանդեցայ»։ Նոյն օրը Մովսէս երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Այն երկիրը որուն վրայ կը կոխես անպատճառ քեզի ու քու որդիներուդ ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. որովհետեւ իմ Տէր Աստուծոյս հնազանդեցար քու բոլոր սրտովդ։ 10 Արդ՝ ահա Տէրը իր ըսածին պէս քառասունըհինգ տարի իմ կեանքս պահեց, այն ժամանակէն ի վեր՝ որ Տէրը այս խօսքը Մովսէսին ըսաւ, քանի որ Իսրայէլ անապատին մէջ կը պտըտէր եւ ահա ես այսօր ութսունըհինգ տարեկան եմ։ 11 Այսօր տակաւին ուժով եմ, ինչպէս էի Մովսէսին զիս ղրկած օրը. այն ատենուան զօրութիւնս ինչպէս էր, հիմակուան զօրութիւնս ալ նոյնպէս է՝ պատերազմելու եւ ելլելու ու մտնելու համար։ 12 Ուստի հիմա ինծի տուր այն լեռը, որուն համար Տէրը այն օրը խօսեցաւ, քանզի դուն այն օրը լսեցիր, որ Ենակիմները հոն կը բնակին ու մեծ պարսպապատ քաղաքներ ունին. թերեւս Տէրը ինծի հետ ըլլայ ու ես զանոնք վռնտեմ, ինչպէս Տէրը ըսաւ»։ 13 Յեսու զանիկա օրհնեց ու Յեփոնեան Քաղէբին Քեբրոնը ժառանգութիւն տուաւ։ 14 Ասոր համար Քեբրոն Կենեզեան Յեփոնէին որդիին Քաղէբին ժառանգութիւնը եղաւ մինչեւ այսօր, որովհետեւ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն բոլոր սրտով հնազանդեցաւ։ 15 Ու Քեբրոնին անունը առաջ Կարիաթ–Արբա էր ու այն Արբան Ենակիմներուն մէջ մեծ մարդ մըն էր։

Ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

15 1 Յուդայի որդիներուն ցեղին վիճակը իրենց տոհմերուն համեմատ՝ մինչեւ Եդովմայեցիներուն սահմանը կը հասնէր. հարաւային կողմէն Սին անապատը անոնց հարաւային ծայրն էր։

Անոնց հարաւային սահմանը այս եղաւ՝ Աղի ծովուն ծայրէն, այսինքն հարաւակողմը նայող ծոցէն, սկսելով Ու հարաւային կողմէն Ակրաբիմի զառիվերը ելլելով Սին կ’անցնի ու հարաւային կողմէն Կադէս–Բառնեայ ելլելով Եսրոն կ’անցնի. ետքը դէպի Ադդար ելլելով Կարկայի կողմը կը պտըտի. Ետքը Ասեմոնէն անցնելով Եգիպտոսին հեղեղատը կ’ելլէ ու այս սահմանը ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Ձեր հարաւային սահմանը այս է։

Արեւելեան սահմանը Աղի ծովն է մինչեւ Յորդանանի ծայրը։

Հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանի ծայրը եղող ծոցէն կը սկսի Եւ այս սահմանը մինչեւ Բեթագղա կ’ելլէ ու Բեթարաբայի հիւսիսային կողմէն կը պտըտի եւ այս սահմանը մինչեւ Ռուբէնեան Բաանի վէմը կ’ելլէ. Ետքը այս սահմանը Աքովրի ձորէն Դաբիր կ’ելլէ ու հիւսիսային կողմէն Գաղգաղա կը դառնայ, որ այն ձորին հարաւակողմը եղող Էդովմինի զառիվերին դէմ է եւ այս սահմանը Ենսամիւսի ջուրէն կ’անցնի ու Ռովգելի աղբիւրը կը վերջանայ Եւ այս սահմանը Ենովմի որդիին ձորը՝ հարաւային կողմէն Յեբուսի, այսինքն Երուսաղէմի, քով կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ այն լերան գլուխը կ’ելլէ, որ արեւմտեան կողմէն Ենովմի ձորին դէմն է ու հիւսիսային կողմէն Ռափայիններուն ձորին ծայրն է Եւ այս սահմանը լերանը գլխէն մինչեւ Նափթովայի ջուրին աղբիւրը կը հասնի ու Եփրոն լերանը քաղաքները կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ Բաաղա, այսինքն Կարիաթարիմ կը հասնի 10 Եւ այս սահմանը Բաաղայէն դէպի արեւմուտք Սէիր լեռը կը պտըտի ու հիւսիսային կողմէն Յարիմ լերանը քովէն կ’անցնի, որ Քեսաղօն է. անկէ Բեթսամիւս կ’իջնէ ու Թամնա կ’անցնի 11 Եւ այս սահմանը Ակկարոնին քով կ’ելլէ դէպի հիւսիս ու այս սահմանը Սաքարօն հասնելով՝ Բաաղա լեռնէն կ’անցնի ու Յաբնէլ կ’ելլէ եւ ծովուն մէջ կը վերջանայ։

12 Արեւմտեան սահմանը մեծ ծովուն եզերքն է։ Յուդայի որդիներուն սահմանը շուրջանակի իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։

ՔԱՂԷԲ ՔԵԲՐՈՆԸ ԵՒ ԴԱԲԻՐԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ

(Դատ. 1։11-15)

13 Յեփոնեան Քաղէբի՝ Յուդայի որդիներուն մէջ Ենակին հօրը Արբային քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը բաժին տուաւ, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր 14 Եւ Քաղէբ անկէ Ենակին երեք որդիները, Սէսին ու Աքիմանը եւ Թոլմին, Ենակին որդիները, վռնտեց 15 Եւ անկէ Դաբիրի բնակիչներուն վրայ գնաց (ու Դաբիրի անունը առաջ Կարիաթ–Սեփեր էր.) 16 Եւ Քաղէբ ըսաւ. «Ով որ Կարիաթ–Սեփերը զարնէ ու առնէ, իմ Աքսա աղջիկս անոր կնութեան պիտի տամ»։ 17 Եւ Քաղէբին եղբօրը Կենեզին որդին Գոթոնիէլը առաւ զանիկա ու Քաղէբ իր Աքսա աղջիկը անոր կնութեան տուաւ։ 18 Ու երբ անոր կ’երթար զանիկա յորդորեց, որ իր հօրմէն ագարակ մը ուզէ եւ իշուն վրայէն վար իջաւ ու Քաղէբ անոր ըսաւ. «Ի՞նչ եղաւ քեզի»։ 19 Աղջիկը ըսաւ. «Ինծի օրհնութիւն տուր. որովհետեւ ինծի հարաւային երկիր մը տուիր, ինծի ջուրի աղբիւրներ ալ տուր»։ Ուստի անոր՝ վերի աղբիւրները ու վարի աղբիւրները տուաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

20 Յուդայի որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է՝

21 Եդովմի սահմանին քով հարաւային կողմը Յուդայի որդիներուն ցեղին վերջին քաղաքները ասոնք են՝ Կաբեսէէլ, Եդեր, Յագուր, 22 Կինա, Դէմօնա, Ադադա, 23 Կադէս, Հասոր, Յեթնան, 24 Զիփ, Տէլէմ, Բաալօթ, 25 Հասոր–Ադաթա, Կարիօթ Եսրոն որ է Հասոր, 26 Ամամ, Սամա, Մօլադա, 27 Ասեր–Գադդա, Եսեմոն, Բեթփաղէթ, 28 Ասեր–Սուաղ, Բերսաբէէ, Բազիօթիա, 29 Բաաղա, Իյիմ, Ասէմ, 30 Էլթուղադ, Քէսիլ, Հօրմա, 31 Սիկելակ, Մադմաննա, Սանսաննա, 32 Լաբաովթ, Սէլէմ, Ային ու Ռեմօն. ամէնը քսանըինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։

33 Դաշտավայրի մէջ՝ Եսթաւուղ, Սարաա, Ասնա, 34 Զանով, Ենգանիմ, Թափուա, Ենայիմ, 35 Յերիմութ, Ոդողոմ, Սոքով, Ազեկա, 36 Սագարիմ, Ատիթայիմ եւ Գադերա (ու Գադերօթայիմ). տասնըչորս քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ 37 Սէննան, Ադասա, Մագդաղգադ, 38 Դաղաան, Մասփա, Յեկթովէլ, 39 Լաքիս, Բազկաթ, Էգղոն, Քաբբօն, 40 Լամաս, Քիթլիս, 41 Գադերօթ, Բեթդագոն, Նաամա ու Մակեդա. տասնըվեց քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ 42 Լեբնա, Եթեր, Ասան, 43 Յեփթա, Ասնա, Նեսիբ, 44 Կէիլա, Աքեզիբ եւ Մարեսա. ինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 45 Ակկարոն իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը. 46 Ակկարոնէն մինչեւ ծովը, Ասեդովթին քովի բոլոր քաղաքները իրենց գիւղերովը. 47 Ասեդովթ իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը. Գազա իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը ու մինչեւ մեծ ծովը իր սահմաններովը։

48 Եւ լեռնավայրի վրայ՝ Սամիր, Յաթիր, Սոքով, 49 Դաննա, Կարիաթ–Սաննա, այսինքն Դաբիր, 50 Անաբ, Եսթեմով, Անիմ, 51 Գոսոմ, Քօղօն ու Գեղոն. տասնըմէկ քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 52 Երեբ, Դումա, Եսան, 53 Յանում, Բեթթափուա, Ափեկա, 54 Քամմատա, Կարիաթ–Արբա, այսինքն Քեբրոն ու Սիովր. ինը քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ 55 Մաոն, Կարմեղոս, Զիփ, Յետտա, 56 Յեզրայէլ, Յեկդաամ, Զանով, 57 Կային, Գաբաա ու Թամնա. տասը քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 58 Աղուղ, Բեթսուր, Գեդովր, 59 Մաարաթ, Բեթանովթ ու Ելթեկոն. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 60 Կարիաթ–Բաաղ, այսինքն Կարիաթարիմ ու Ռաբբա. երկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։

61 Անապատին մէջ Բեթարաբա, Մադդին, Սեքաքա, 62 Նեբսան, աղի քաղաքը ու Ենգադդի. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։

63 Բայց Յուդայի որդիները կարող չեղան Երուսաղէմի մէջ բնակող Յեբուսացիները վռնտել. ուստի Յեբուսացիները Յուդայի որդիներուն հետ Երուսաղէմի մէջ կը բնակին մինչեւ այսօր։

ԵՓՐԵՄԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՆԱՍԷԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

16 1 Յովսէփի որդիներուն վիճակը այսպէս ելաւ։ Անոնց սահմանը Երիքովի դէմ Յորդանանէն Երիքովի ջուրին արեւելեան կողմէն այն անապատը կ’երթայ, որ Երիքովէն լեռնակողմը՝ Բեթէլ կ’ելլէ Ու Բեթէլէն Լուզ կ’ելլէ եւ Արքի–Ատարօթի սահմանէն կ’անցնի Ու արեւմտեան կողմէն Յեփալթիին սահմանը կ’իջնէ, մինչեւ վարի Բեթորոնին սահմանը ու մինչեւ Գազեր եւ ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Յովսէփին որդիները՝ Մանասէն ու Եփրեմը՝ ժառանգութիւն առին։

ԵՓՐԵՄ

Եփրեմի որդիներուն սահմանը իրենց տոհմերուն համեմատ այս եղաւ՝ այսինքն անոնց ժառանգութեան սահմանը արեւելեան կողմէն Ատարօթ–Ադար եղաւ մինչեւ վերի Բեթորոնը Եւ այս սահմանը հիւսիսային կողմէն դէպի Մաքմեթաթ՝ ծովը կ’ելլէ ու այս սահմանը արեւելեան կողմէն մինչեւ Թէանթսելով կը պտըտի ու ետքը արեւելեան կողմէն Յանովէ կը մտնէ Եւ Յանովէէն Ատարովթ ու Նաարա կ’իջնէ ու Երիքովին քովէն անցնելով Յորդանան կ’ելլէ։ Այս սահմանը Թափուայէն Կանա հեղեղատը կ’երթայ արեւմտեան կողմէն ու ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Եփրեմի որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։ Նաեւ Եփրեմի որդիներուն համար զատուած քաղաքները Մանասէին որդիներուն ժառանգութեանը մէջ են, բոլոր քաղաքները իրենց գիւղերովը։

10 Անոնք Գազերի մէջ բնակող Քանանացիները չվռնտեցին ու Քանանացիները մինչեւ այսօր Եփրեմի մէջ բնակելով, հարկատու ծառաներ եղան։

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՆԱՍԷ

17 1 Ասիկա եղաւ Մանասէին ցեղին վիճակը, քանզի անիկա Յովսէփին անդրանիկն էր։ Մանասէին անդրանիկը Մաքիր, Գաղաադին հայրը, պատերազմող մարդ մը ըլլալուն համար, Գաղաադ ու Բասան անորը եղան։ Մանասէին միւս որդիներն ալ, Աբիեզերին որդիները, Քեղեքին որդիները, Ասրիէլին որդիները, Սիւքէմին որդիները, Ոփերին որդիները ու Սեմիդային որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։ Յովսէփեան Մանասէին արու զաւակները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։ Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիին Ոփերին որդին Սալպաադ տղաքներ չունէր, բայց միայն աղջիկներ։ Անոր աղջիկներուն անունները ասոնք են՝ Մաալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։ Ասոնք Եղիազար քահանային առջեւ, Նաւեան Յեսուին առջեւ ու իշխաններուն առջեւ ներկայանալով՝ ըսին. «Տէրը Մովսէսին հրամայեց, որ մեր եղբայրներուն մէջ մեզի ժառանգութիւն տրուի»։ Եւ Յեսու Տէրոջը հրամանով անոնց հօրը եղբայրներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն տուաւ։ Մանասէին Յորդանանի անդիի կողմը եղող Գաղաադին ու Բասանին երկրէն զատ՝ տասը բաժին ինկաւ. Քանզի Մանասէին աղջիկները անոր տղոցը հետ ժառանգութիւն առին ու Գաղաադին երկիրը Մանասէին միւս որդիներուն եղաւ։

Մանասէին սահմանը ասիկա եղաւ՝ Ասերէն մինչեւ Մաքմեթաթ, որ Սիւքէմին դէմն է։ Այս սահմանը աջ կողմը դառնալով՝ մինչեւ Թափուային աղբիւրին քով բնակողներուն կը հասնի։ Թափուային երկիրը Մանասէին եղաւ ու Մանասէին սահմանին մէջ եղող Թափուա քաղաքը Եփրեմին որդիներուն եղաւ։ Այս սահմանը Կանա հեղեղատը կ’իջնէ, հեղեղատին հարաւային կողմէն։ Մանասէին քաղաքներուն մէջ ասոնք Եփրեմի քաղաքներն են եւ Մանասէին սահմանը հեղեղատին հիւսիսային կողմն է ու ծովուն մէջ կը վերջանայ։ 10 Հարաւային կողմը Եփրեմին ու հիւսիսային կողմը Մանասէին ըլլալով, անոնց սահմանը ծովը եղաւ եւ հիւսիսային կողմէն Ասերին ու արեւելեան կողմէն Իսաքարին հետ կը միանան։ 11 Եւ Իսաքարին ու Ասերին սահմաններուն մէջ՝ Բեթսան ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Յեբղաամ ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Ենդովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Թանաքի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները. այս երեք գաւառը Մանասէին եղան։ 12 Մանասէին որդիները չկրցան այս քաղաքներուն բնակիչները դուրս վռնտել, ուստի Քանանացիները կամակորութեամբ այն երկրին մէջ բնակեցան։ 13 Երբ Իսրայէլի որդիները ուժովցան՝ հարկատու ըրին Քանանացիները, բայց զանոնք իսպառ չվռնտեցին։

ԵՓՐԵՄ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՆԱՍԷ ԱՒԵԼԻ ՀՈՂ Կ’ՈՒԶԵՆ

14 Յովսէփին որդիները Յեսուին հետ խօսեցան ու ըսին. «Ինչո՞ւ համար ինծի միայն մէկ վիճակ ու մէկ բաժին ժառանգութիւն տուիր։ Ես բազմաթիւ ժողովուրդ մըն եմ. քանզի Աստուած մինչեւ հիմա զիս օրհնեց»։ 15 Յեսու անոնց ըսաւ. «Եթէ դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես, անտառը ելի՛ր ու զանիկա կտրէ՛ եւ Փերեզացիներուն ու Ռափայիններուն երկրին մէջ քեզի տեղ ըրէ, եթէ Եփրեմին լեռը քեզի նեղ կու գայ»։ 16 Յովսէփին որդիները ըսին. «Լեռը մեզի համար չէ ու հովիտին երկրին մէջ՝ Բեթսանին մէջ ու անոր գիւղաքաղաքներուն մէջ Յեզրայէլին հովիտին մէջ բնակող բոլոր Քանանացիները երկաթէ կառքեր ունին»։ 17 Յեսու Յովսէփին տանը, այսինքն Եփրեմին ու Մանասէին հետ խօսելով՝ ըսաւ. «Դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես ու շատ ոյժ ունիս. քեզի միայն մէկ վիճակ չի բաւեր. 18 Լեռն ալ թող քուկդ ըլլայ եւ որովհետեւ անիկա անտառ է, զանիկա կտրէ՛ ու մինչեւ ծայրը քուկդ թող ըլլայ. քանզի դուն Քանանացիները անկէ պիտի վռնտես, թէեւ անոնք երկաթէ կառքեր ունին ու զօրաւոր են»։

ՄՆԱՑԵԱԼ ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

18 1 Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Սելովի մէջ հաւաքուեցան եւ հոն վկայութեան խորանը կանգնեցուցին ու երկիրը անոնց առջեւ նուաճուեցաւ։

Իսրայէլի որդիներուն մէջ եօթը ցեղ մնացեր էր, որոնք իրենց ժառանգութիւնը առած չէին։ Եւ Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ անհոգութիւն պիտի ընէք ու պիտի չերթաք ժառանգելու այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։ Ամէն մէկ ցեղէ երեք մարդ ընտրեցէք ու զանոնք ղրկեմ, որպէս զի ելլեն այն երկրին մէջ պտըտին ու զանիկա իրենց ժառանգութեանը համեմատ գրեն ու ետքը ինծի դառնան Եւ զանիկա եօթը մասերու բաժնեն։ Յուդան իր սահմանին մէջ հարաւային կողմը թող կենայ ու Յովսէփին տունը իրենց սահմաններուն մէջ հիւսիսային կողմը թող կենան։ Դուք երկիրը եօթը բաժին ըրէք ու հոս ինծի բերէք եւ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ հոս ձեզի համար վիճակ ձգեմ։ Ղեւտացիները ձեր մէջ բաժին չունին, որովհետեւ անոնց ժառանգութիւնը Տէրոջը քահանայութիւնն է եւ Գադ ու Ռուբէն եւ Մանասէի կէս ցեղը Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք՝ իրենց ժառանգութիւնները առած են, որոնք Տէրոջը ծառան Մովսէս անոնց տուաւ»։

Այն մարդիկը գացին ու Յեսու այն երկիրը գրելու գացողներուն պատուիրեց՝ ըսելով. «Գացէ՛ք եւ այն երկրին մէջ պտըտելով զանիկա գրեցէք. ետքը ինծի դարձէք, որպէս զի հոս Սելովի մէջ Տէրոջը առջեւ ձեզի համար վիճակ ձգեմ»։ Այն մարդիկը գացին ու այն երկրին մէջ պտըտեցան եւ զանիկա իր քաղաքներովը եօթը բաժին ընելով՝ գրքի մը մէջ գրեցին ու Սելով՝ բանակը՝ եկան Յեսուին։ 10 Յեսու Սելովին մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց համար վիճակ ձգեց ու երկիրը բաժնեց Իսրայէլի որդիներուն՝ իրենց բաժիններուն համեմատ։

ԲԵՆԻԱՄԻՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

11 Նախ՝ Բենիամինին որդիներուն ցեղին վիճակը ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Իրենց վիճակին սահմանը Յուդայի որդիներուն ու Յովսէփի որդիներուն մէջտեղը ելաւ։ 12 Անոնց հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանէն եղաւ ու այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Երիքովի քով կ’ելլէ եւ դէպի արեւմուտք լեռը վեր կ’ելլէ ու Բեթաւանի անապատին մէջ կը վերջանայ։ 13 Սահմանը անկէ ելլելով Լուզէ կ’անցնի, Լուզին, այսինքն Բեթէլին հարաւային կողմէն. այս սահմանը Ատարօթ–Ադար կ’իջնէ, որ վարի Բեթորոնին հարաւային կողմը եղող լերանը քովն է։ 14 Այս սահմանը արեւմտեան ծայրը հասնելով, դէպի հարաւ կը դառնայ հարաւային կողմէն Բեթորոնին դիմացի լեռնէն ու կը վերջանայ Կարիաթ–Բաաղի մէջ, որ է Կարիաթարիմ, Յուդային որդիներուն քաղաքը։ Արեւմտեան ծայրը ասիկա է։ 15 Հարաւային կողմը Կարիաթարիմին ծայրէն սկսելով, սահմանը դէպի արեւմուտք կ’երթայ ու Նափթովային ջուրին աղբիւրը կ’ելլէ։ 16 Այս սահմանը Ռափայիններուն հովիտին մէջ, հիւսիսային կողմը եղող Ենովմին որդիին ձորին դիմացի լերանը եզերքը կ’իջնէ ու Յեբուսին քովէն դէպի հարաւ Ենովմին ձորէն իջնելով Ռովգելին աղբիւրը կ’իջնէ 17 Եւ հիւսիսային կողմէն նշան կտրելով Ենսամիւս կ’ելլէ ու անկէ Եդովմինին զառիվերին դէմ եղող Գալիլովթ կ’ելլէ եւ Ռուբէնեան Բաանին վէմը կ’իջնէ. 18 Ետքը Արաբային դիմացի կողմէն դէպի հիւսիս անցնելով Արաբա կ’իջնէ. 19 Ետքը այս սահմանը դէպի հիւսիս Բեթագղայի քովէն կ’անցնի ու այս սահմանը Աղի ծովուն հիւսիսային ծոցը ու Յորդանանի հարաւային ծայրը կը վերջանայ։ Հարաւային սահմանը ասիկա է։ 20 Արեւելեան կողմի սահմանը Յորդանանն է։ Բենիամինին որդիներուն ժառանգութիւնը շուրջանակի իր սահմաններովը անոնց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։

21 Եւ ասոնք են Բենիամինին որդիներուն ցեղին քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ՝ Երիքով, Բեթագղա, Եմեկկասիս, 22 Բեթարաբա, Սեմարիմ, Բեթէլ, 23 Աւիմ, Փարա, Եփրա, 24 Քեփարամոննա, Հոփնի ու Գաբա. տասներկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 25 Գաբաւոն, Ռամա, Բերովթ, 26 Մասփա, Կեփիրա, Մոսա, 27 Ռէկեմ, Յերփայէլ, Թարաղա, 28 Սելա, Էլէփ, Յեբուս, այսինքն Երուսաղէմ, Գաբաաթ ու Կարիաթ։ Տասնըչորս քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ Բենիամինին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։

ՇՄԱՒՈՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

19 1 Երկրորդ վիճակը Շմաւոնին ելաւ։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին իրենց տոհմերուն համեմատ ու անոնց ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն ժառանգութեան մէջտեղը եղաւ։ Իրենց ժառանգութեան մէջ այս քաղաքները ունեցան. Բերսաբէէ, (Սաբէէ,) Մօլադա, Ասերսուաղ, Բաղա, Ասէմ, Էլթուղադ, Բաթուլ, Հօրմա, Սիկելակ, Բեթմարքաբովթ, Ասերսուսա, Բեթլաբաւովթ եւ Սարուհէն. տասներեք քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Ային, Ռեմօն, Եթեր եւ Ասան. չորս քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Եւ այս քաղաքներուն բոլորտիքը եղած բոլոր գիւղերը՝ մինչեւ Բաաղեթ–Բէեր ու հարաւային Ռաման։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։ Շմաւոնին որդիներուն ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն բաժինէն եղաւ, քանզի Յուդային որդիներուն բաժինը շատ էր իրենց. անոր համար Շմաւոնին որդիները անոնց ժառանգութեանը մէջ ժառանգութիւն առին։

ԶԱԲՈՒՂՈՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

10 Երրորդ վիճակը Զաբուղոնին որդիներուն ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Անոնց ժառանգութեանը սահմանը մինչեւ Սարիդ եղաւ 11 Ու անոնց սահմանը դէպի ծովը ու Մարաղա կ’ելլէ եւ Դաբասէթ կը հասնի ու Յեկնամին դէմ եղող ձորը կը հասնի 12 Եւ Սարիդէն դէպի արեւելեան կողմը՝ Քասղովթ–Թաբօրին սահմանը կը դառնայ ու Դաբարաթէն ելլելով՝ վեր Յափիէ կ’ելլէ 13 Եւ անկէ դէպի արեւելք անցնելով Գեթքոփեր եւ Իթագասին կ’անցնի ու Ռեմօն–Մեթօար եւ Նուա կ’ելլէ. 14 Ետքը այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Ենաթօն կը պտըտի ու Յեփթայէլի ձորին մէջ կը վերջանայ 15 Եւ Կատտաթ ու Նաաղօլ եւ Սամրօն ու Յադելա եւ Բեթլեհէմ. տասներկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 16 Զաբուղոնին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ԻՍԱՔԱՐԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

17 Չորրորդ վիճակը Իսաքարին ելաւ։ Իսաքարին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ 18 Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Յեզրայէլ ու Քասելովթ եւ Սունամ, 19 Ու Ափերէմ եւ Սիան ու Անարէթ 20 Եւ Ռաբբիթ ու Կէսիօն ու Աբէս 21 Եւ Ռամաթ ու Ենգանիմ եւ Ենքադդա ու Բեթփասես 22 Եւ այս սահմանը Թաբօր, Սասիմա ու Բեթսամիւս կը հասնի ու անոնց սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ. տասնըվեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։ 23 Իսաքարին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ԱՍԵՐԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

24 Հինգերորդ վիճակը Ասերին որդիներուն ցեղին ելաւ՝ իրենց տոհմերուն համեմատ։ 25 Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Քեղկաթ ու Աղի եւ Բետէն ու Աքսափ 26 Եւ Ալամելէք ու Ամադ եւ Մասաղ ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Կարմեղոս եւ Սիօր–Լեբնաթ կը հասնի։ 27 Արեւելեան կողմէն դէպի Բեթդագոն կը դառնայ ու հիւսիսային կողմէն Զաբուղոն, Յեփթայէլի ձորը, Բեթամէկ ու Նէիէլ կը հասնի եւ ձախ կողմէն Քաբօղ կ’ելլէ 28 Ու Եբրոն եւ Րոոբ ու Համմօն եւ Կանա, մինչեւ մեծ Սիդոն. 29 Ետքը այս սահմանը Ռամա կը դառնայ մինչեւ Տիւրոս ամուր քաղաքը եւ այս սահմանը Ուսա դառնալով ծովուն մէջ՝ Աքեզիբին վիճակին մէջ կը վերջանայ 30 Ու Ամմա եւ Ափէկ ու Րոոբ. քսաներկու քաղաքներ ու անոնց գիւղերը։ 31 Ասերին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ՆԵՓԹԱՂԻՄԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

32 Վեցերորդ վիճակը Նեփթաղիմին որդիներուն ելաւ, այսինքն Նեփթաղիմին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ։ 33 Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Հելեփէն ու Ալօնէն մինչեւ Սանանիմ ու Ադամի–Նագեբ եւ Յաբնէլ մինչեւ Լակում ու սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ։ 34 Եւ այս սահմանը արեւմտեան կողմէն Ազանօթ–Թաբօր կը դառնայ ու անկէ Հուկօկ կ’ելլէ եւ հարաւային կողմէն մինչեւ Զաբուղոն կը հասնի ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Ասեր եւ արեւելեան կողմէն մինչեւ Յուդա ու Յորդանան կը հասնի։ 35 Եւ պարսպապատ քաղաքները՝ Ասեդիմ, Սէր, Ամաթ, Ռեկկաթ, 36 Քեներեթ, Ադամա, Ռամա, Հասոր, 37 Կադէս, Եդրայի, Ենհասոր, Յարօն, 38 Մակդաղիէլ, Հարէմ, Բեթանաթ ու Բեթսամիւս. տասնըինը քաղաք եւ անոնց գիւղերն են։ 39 Նեփթաղիմին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ԴԱՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ

40 Եօթներորդ վիճակը Դանին որդիներուն ցեղին ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ 41 Եւ անոնց ժառանգութեան սահմանը ասիկա եղաւ՝ Սարաա ու Եսթաւուղ եւ Իրսամէս 42 Ու Սաղաբին եւ Այեղոն ու Յեթլա 43 Եւ Ելօն ու Թամնաթա եւ Ակկարոն 44 Ու Ելթեկէ եւ Գաբաթոն ու Բաալօթ 45 Ու Եհուդ եւ Բանէ–Բարակ ու Գեթրեմօն 46 Եւ Մէարկօն ու Ռակկոն, Յոպպէի դիմացը եղած սահմանովը մէկտեղ։ 47 Եւ Դանին որդիներուն սահմանը իրենց պզտիկ եկաւ. ուստի Դանին որդիները ոտքի ելան ու Լէսէմի հետ պատերազմեցան եւ զանիկա առնելէ ետքը սուրի բերնէ անցուցին ու զանիկա ժառանգելով անոր մէջ բնակեցան եւ Լէսէմը իրենց հօրը Դանի անունով Դան կոչեցին։ 48 Դանին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։

ԵՐԿՐԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄԸ

49 Ու երկիրը իր սահմաններովը բաժնելը լմնցնելէն ետքը, Իսրայէլի որդիները Նաւեան Յեսուին իրենց մէջ ժառանգութիւն տուին. 50 Տէրոջը հրամանով անոր ուզած քաղաքը, Թամնաթ–Սարան, իրեն տուին Եփրեմի լերանը վրայ ու անիկա քաղաքը շինեց եւ անոր մէջ բնակեցաւ։

51 Ասոնք են այն ժառանգութիւնները, որոնք Եղիազար քահանան եւ Նաւեան Յեսուն ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետները Սելովի մէջ Տէրոջը առջեւ, վկայութեան խորանին դրանը քով, վիճակով բաժնեցին ու լմնցուցին։

ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

20 1 Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՝ ‘Մովսէսին միջոցով ձեզի ըսուած ապաստանի քաղաքները ձեզի համար որոշեցէք, Որպէս զի սխալմամբ ու անգիտութեամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի ու անոնք ձեզի ապաստանարան ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն Եւ անգիտութեամբ սպաննողը այն քաղաքներէն մէկուն մէջ թող փախչի ու քաղաքին դուռը կայնի եւ այն քաղաքին ծերերուն իր պարագան յայտնէ, որպէս զի լսեն ու անոնք զանիկա քաղաքին մէջ իրենց քով առնելով՝ անոր տեղ մը տան, որպէս զի իրենց հետ բնակի։ Երբ արեան վրէժխնդիրը անոր ետեւէն իյնայ, սպաննողը անոր ձեռքը թող չտան. քանզի անիկա իր դրացին անգիտութեամբ մեռցուցեր է։ Նախապէս անոր դէմ թշնամութիւն ունեցած չէ։ Եւ անիկա այն քաղաքին մէջ պիտի բնակի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի ու մինչեւ որ այն օրուան քահանայապետը մեռնի։ Անկէ ետքը սպաննողը կրնայ դառնալ իր քաղաքը ու իր տունը երթալ՝ այսինքն այն քաղաքը ուրկէ փախեր էր։

Ուստի Գալիլիայի մէջ Կադէսը զատեցին Նեփթաղիմի լեռնակողմը, Սիւքէմը՝ Եփրեմի լեռնակողմը եւ Կարիաթ–Արբան՝ այսինքն Քեբրոնը՝ Յուդայի լեռնակողմը։ Ու Երիքովի դէմը Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք՝ Ռուբէնին ցեղէն՝ անապատին մէջ Բոսորը եւ Գադի ցեղէն՝ Գաղաադի մէջ Ռամովթը ու Մանասէին ցեղէն՝ Բասանի մէջ Գովղանը տուին։ Բոլոր Իսրայէլի որդիներուն համար ու անոնց մէջ բնակող օտարականին համար որոշուած քաղաքները ասոնք են. որպէս զի ամէն ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ, հոն փախչի ու արեան վրէժխնդրին ձեռքով չմեռնի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի’»։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

21 1 Ղեւտացիներուն նահապետները Եղիազար քահանային, Նաւեան Յեսուին եւ Իսրայէլի որդիներու ցեղերուն նահապետներուն մօտեցան Ու Քանանի երկիրը՝ Սելովին մէջ՝ խօսեցան անոնց ըսելով. «Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեց որ մեզի բնակելու համար քաղաքներ ու մեր անասուններուն համար անոնց արուարձաններ տուին»։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հրամանով իրենց ժառանգութիւններէն հետեւեալ քաղաքներն ու անոնց արուարձանները Ղեւտացիներուն տուին։

Առաջին վիճակը Կահաթեաններու ազգատոհմերուն ելաւ ու Ղեւտացիներէն Ահարոն քահանային որդիներուն վիճակով տասներեք քաղաք ելաւ, Յուդայի ցեղէն, Շմաւոնի ցեղէն ու Բենիամինի ցեղէն։ Եւ Կահաթի միւս որդիներուն՝ Եփրեմի ցեղին ազգատոհմերէն, Դանին ցեղէն եւ Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասը քաղաք տրուեցաւ։ Ու Գերսոնին որդիներուն՝ Իսաքարին ցեղին ազգատոհմերէն եւ Ասերին ցեղէն ու Նեփթաղիմին ցեղէն եւ Բասանին մէջ եղող Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասներեք քաղաք տրուեցաւ։ Մերարիին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ՝ Ռուբէնին ցեղէն ու Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու քաղաք տրուեցաւ։ Ու Իսրայէլի որդիները այս քաղաքներն ու անոնց արուարձանները վիճակով Ղեւտացիներուն տուին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին միջոցով։

Յուդային որդիներուն ցեղէն ու Շմաւոնին որդիներուն ցեղէն իրենց անունովը յիշուած քաղաքները տուին 10 Ու Ահարոնին որդիներուն եղան, որոնք Ղեւիին որդիներէն եղող Կահաթեաններու ազգատոհմերէն էին. քանզի առաջին վիճակը անոնցն էր։ 11 Անոնց Յուդայի լերանը վրայ Ենակին հօրը Արբային քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը, տուին անոր շրջակայ արուարձաններովը 12 Եւ քաղաքին ագարակներն ու գիւղերը Յեփոնեան Քաղէբին տուին իբր կալուածք։ 13 Ուստի Ահարոն քահանային որդիներուն՝ սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Քեբրոնը տուին իր արուարձաններովը, նաեւ Լեբնան իր արուարձաններովը 14 Եւ Յաթիրը իր արուարձաններովը ու Եսթեմովը իր արուարձաններովը 15 Եւ Քօղօնը իր արուարձաններովը ու Դաբիրը իր արուարձաններովը 16 Եւ Այինը իր արուարձաններովը ու Յետտան իր արուարձաններովը եւ Բեթսամիւսը իր արուարձաններովը։ Այս երկու ցեղէն ինը քաղաք տուին։ 17 Ու Բենիամինին ցեղէն՝ Գաբաւոնը իր արուարձաններովը, Գաբան իր արուարձաններովը, 18 Անաթովթը իր արուարձաններովը ու Գաղմօնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։ 19 Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ բոլոր քաղաքները տասներեք քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։

20 Եւ Կահաթի որդիներէն մնացած Ղեւտացի Կահաթեաններու ազգատոհմերն ալ Եփրեմին ցեղէն վիճակով քաղաքներ առին։ 21 Անոնց՝ Եփրեմի լեռնակողմը սպաննողի համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Սիւքէմը տուին իր արուարձաններովը, նաեւ Գազերը իր արուարձաններովը 22 Եւ Կաբսեմը իր արուարձաններովը ու Բեթորոնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։ 23 Եւ Դանին ցեղէն՝ Ելթեկէն իր արուարձաններովը, Գաբաթօնը իր արուարձաններովը, 24 Այեղոնը իր արուարձաններովը ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։ 25 Եւ Մանասէին կէս ցեղէն՝ Թանաքը իր արուարձաններովը ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը։ Երկու քաղաք տուին։ 26 Կահաթին որդիներուն մնացած ազգատոհմերուն բոլոր քաղաքները տասն էին եւ անոնց արուարձանները։

27 Ղեւտացիներուն ազգատոհմերէն եղող Գերսոնին որդիներուն՝ Մանասէին կէս ցեղէն սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Բասանին մէջ Գովղանը իր արուարձաններովը, նաեւ Բեեստարան իր արուարձաններովը։ Երկու քաղաք տուին։ 28 Եւ Իսաքարին ցեղէն՝ Կեսիօնը իր արուարձաններովը, Դարաբաթը իր արուարձաններովը, 29 Յերիմութը իր արուարձաններովը եւ Ենգանիմը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։ 30 Եւ Ասերին ցեղէն՝ Մասաղը իր արուարձաններովը, 31 Աբդօնը իր արուարձաններովը, Քեղկաթը իր արուարձաններովը եւ Րոոբը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։ 32 Ու Նեփթաղիմին ցեղէն՝ սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գալիլիայի մէջ Կադէսը իր արուարձաններովը, նաեւ Եմաթդովրը իր արուարձաններովը ու Կարթանը իր արուարձաններովը։ Երեք քաղաք տուին։ 33 Գերսոնեաններուն բոլոր քաղաքները անոնց ազգատոհմերուն համեմատ տասներեք քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։

34 Մնացած Ղեւտացիներուն, այսինքն Մերարիին որդիներուն ազգատոհմերուն՝ Զաբուղոնին ցեղէն Յեկնամը իր արուարձաններովը, 35 Դեմնան իր արուարձաններովը ու Նաաղօլը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։ 36 Եւ Ռուբէնին ցեղէն՝ Բոսորը իր արուարձաններովը, Յասսան իր արուարձաններովը, 37 Կադեմօթը իր արուարձաններովը ու Մեփայաթը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։ 38 Եւ Գադին ցեղէն սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գաղաադին մէջ Ռամովթը իր արուարձաններովը, նաեւ Մանայիմը իր արուարձաններովը, 39 Եսեբոնը իր արուարձաններովը ու Յազերը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։ 40 Ղեւտացիներուն ազգատոհմերէն մնացած Մերարիին որդիներուն բոլոր քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ իրենց վիճակովը տասներկու քաղաք եղան։

41 Իսրայէլի որդիներուն կալուածներուն մէջ Ղեւտացիներուն բոլոր քաղաքները քառասունըութը քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։ 42 Այս քաղաքներուն ամէն մէկը իր բոլորտիքը արուարձաններ ունէր. այս քաղաքներուն ամէնքն ալ այնպէս էին։

ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՏԻՐԱՆԱՅ ԵՐԿՐԻՆ

43 Եւ Տէրը Իսրայէլին տուաւ այն բոլոր երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրեր էր եւ զանիկա ժառանգեցին ու անոր մէջ բնակեցան։ 44 Եւ Տէրը զանոնք ամէն կողմէն հանգստացուց, ինչպէս անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր ու անոնց բոլոր թշնամիներէն բնաւ մէկը չկրցաւ անոնց դէմ դնել. քանզի Տէրը անոնց բոլոր թշնամիները անոնց ձեռքը տուաւ։ 45 Եւ Տէրը Իսրայէլի տանը համար որչափ բարի խօսքեր որ խօսեր էր, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. ամէնքն ալ կատարուեցան։

ՅԵՍՈՒ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՑԵՂԵՐԸ ՏՈՒՆ ԿԸ ՂՐԿԷ

22 1 Այն ատեն Յեսու իրեն կանչեց Ռուբէնեանները, Գադեաններն ու Մանասէին կէս ցեղը։ Եւ անոնց ըսաւ. «Տէրոջը ծառան Մովսէս ինչ որ ձեզի հրամայեր էր, դուք անոնց ամէնքն ալ պահեցիք ու իմ խօսքիս մտիկ ըրիք ամէն բանի մէջ, որ ձեզի պատուիրեցի։ Այսչափ շատ օրեր մինչեւ այսօր ձեր եղբայրները չթողուցիք եւ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները ամբողջ պահեցիք։ Հիմա ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրները հանգստացուց, ինչպէս անոնց ըսաւ. ուստի դարձէք, ձեր վրանները ու ձեր սեփական երկիրը գացէք, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս Յորդանանի անդիի կողմը ձեզի տուաւ։ Միայն թէ աղէկ զգուշութեամբ գործադրեցէք այն պատուիրանքն ու օրէնքը, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի պատուիրեց, որ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք, անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք, անոր պատուիրանքները պահէք, անոր յարիք ու ձեր բոլոր սրտովը եւ բոլոր հոգիովը զանիկա պաշտէք»։ Յեսու օրհնեց զանոնք եւ արձակեց ու անոնք իրենց վրանները գացին։ (Եւ Մանասէին կէս ցեղին Մովսէս կալուածք տուեր էր Բասանի մէջ ու Յեսու միւս կէսին՝ անոնց եղբայրներուն հետ՝ Յորդանանի անդիի կողմը տուաւ դէպի արեւմուտք։) Ու երբ Յեսու զանոնք իրենց վրանները ղրկեց, զանոնք օրհնեց Եւ անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով. «Շատ հարստութիւնով ու խիստ շատ անասուններով, արծաթով, ոսկիով, պղնձով, երկաթով ու խիստ շատ հանդերձներով ձեր վրանները դարձէք ու ձեր թշնամիներուն աւարը ձեր եղբայրներուն հետ բաժնեցէք»։

Ուստի Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը Քանանի երկիրը՝ Սելովին մէջ՝ Իսրայէլին որդիներէն զատուեցան գացին, որպէս զի իրենց ժառանգութեան երկիրը՝ այսինքն Գաղաադի երկիրը՝ երթան, որ Տէրոջը հրամանով Մովսէսին միջոցով առեր էին։

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՔՈՎԻ ՍԵՂԱՆԸ

10 Երբ Յորդանանի մօտ տեղերը եկան, այն կողմը որ Քանանի երկրին մէջ է, Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը հոն Յորդանանի քով սեղան մը շինեցին, երեւոյթով մեծ սեղան մը։ 11 Ու Իսրայէլի որդիները լսեցին թէ Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը Քանանի երկրին կողմը Յորդանանի մօտ, ուրկէ Իսրայէլի որդիները անցեր էին, սեղան մը շիներ են։ 12 Երբ Իսրայէլի որդիները լսեցին, բոլոր Իսրայէլի որդիները Սելովին մէջ հաւաքուեցան, որպէս զի անոնց վրայ երթան պատերազմելու համար։ 13 Իսրայէլի որդիները Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին՝ Գաղաադի երկիրը ղրկեցին Եղիազարին որդին Փենէհէս քահանան 14 Եւ անոր հետ տասը իշխան, այսինքն Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն նահապետականներէն մէկ–մէկ իշխան, որոնց ամէն մէկը Իսրայէլի հազարաւորներու նահապետութիւններուն իշխաններ էին։ 15 Անոնք Գաղաադի երկիրը գացին Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն ու Մանասէին կէս ցեղին եւ անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով. 16 «Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այդ ի՞նչ մեղք է, որ դուք Իսրայէլի Աստուծոյ դէմ գործեցիք՝ Տէրոջմէն խոտորելով եւ Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ընելու համար ձեզի սեղան շինեցիք։ 17 Միթէ Փեգովրին անօրէնութիւնը պզտի՞կ բան մըն էր մեզի, որմէ մինչեւ այսօր չմաքրուեցանք, որ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ այն հարուածն ալ եկաւ։ 18 Դուք Տէրոջմէ խոտորեցաք. ուստի եթէ դուք այսօր Տէրոջմէ ապստամբիք, ան ալ վաղը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին վրայ պիտի բարկանայ։ 19 Սակայն եթէ ձեր սեփական երկիրը անմաքուր կը համարէք, Տէրոջը սեփական երկիրը անցէք, ուր Տէրոջը վկայութեան խորանը կանգնած է ու մեր մէջ ժառանգութիւն առէք եւ մեր Տէր Աստուծոյ սեղանէն տարբեր սեղան շինելով Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք ու մեզ ալ ապստամբ մի՛ ներկայացնէք։ 20 Երբ Զարայեան Աքար նզովուածէն առնելով մեղք գործեց, միթէ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին վրայ չեկա՞ւ ու այն մարդը իր անօրէնութեանը մէջ մինակ ինք չմեռաւ’»։

21 Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը պատասխան տուին ու Իսրայէլի հազարապետներուն ըսին 22 «Աստուածներուն Եհովա Աստուածը, աստուածներուն Եհովա Աստուածը ինք գիտէ ու Իսրայէլն ալ թող գիտնայ, եթէ այս բանը ապստամբութեան համար կամ Տէրոջը դէմ յանցանք գործելու համար ըրինք, մեզ այսօր թող չապրեցնէ. 23 Եթէ մեզի սեղան շինեցինք Տէրոջմէ հեռանալու համար կամ անոր վրայ ողջակէզ ու հացի ընծայ մատուցանելու համար եւ կամ անոր վրայ խաղաղութեան զոհեր ընելու համար, Տէրը ինք թող վրէժը առնէ։ 24 Մենք ասիկա մեր վախէն շինեցինք, մտածելով թէ գուցէ վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն խօսին ու ըսեն թէ՝ «Դուք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ի՞նչ ունիք. 25 Ո՛վ Ռուբէնեաններ ու Գադեաններ, Տէրը մեր ու ձեր մէջ Յորդանանը սահման դրաւ, դուք Տէրոջմէ բնաւ բաժին չունիք»։ Այս կերպով ձեր որդիները ստիպեն որ մեր որդիները Տէրոջը երկիւղը մոռնան։ 26 Այս պատճառով ըսինք. «Հիմա մեզի սեղան մը շինենք, բայց ո՛չ թէ ողջակէզի համար, կամ զոհի համար, 27 Այլ որպէս զի անիկա մեր ու ձեր մէջ եւ մեզմէ ետքը մեր սերունդներուն մէջ վկայութիւն ըլլայ, որպէս զի մեր ողջակէզներովը, մեր պատարագներովը ու մեր խաղաղութեան զոհերովը Տէրոջը ծառայութիւնը Անոր առջեւ ընենք ու վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն չըսեն թէ ‘Դուք Տէրոջմէն բաժին չունիք’։ 28 Ու ըսինք. «Եթէ մեզի կամ մեր սերունդին վաղը այս բանը ըսելու ըլլան, պիտի ըսենք թէ՝ ‘Տեսէք Տէրոջը սեղանին օրինակը, որ մեր հայրերը շինեցին, ո՛չ թէ ողջակէզի համար կամ զոհի համար, հապա մեր ու ձեր մէջ վկայութիւն մը ըլլալու համար’։ 29 Քա՜ւ լիցի որ մենք Տէրոջմէն ապստամբինք, Տէրոջմէն հեռանալով վկայութեան խորանէն զատ ողջակէզի համար, հացի ընծայի համար եւ զոհի համար սեղան շինենք»։

30 Երբ Փենէհէս քահանան եւ անոր հետ եղող իշխաններն ու Իսրայէլի հազարապետները Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն եւ Մանասէին որդիներուն ըսած խօսքերը լսեցին, իրենց հաճոյ երեւցաւ։ 31 Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն ու Մանասէին որդիներուն ըսաւ. «Այսօր գիտցանք թէ Տէրը մեր մէջ է, որովհետեւ դուք Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեցիք եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ձեռքէն ազատեցիք»։

32 Այսպէս Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան եւ իշխանները Ռուբէնին որդիներուն ու Գադին որդիներուն քովէն, Գաղաադի երկրէն, Քանանի երկիրը Իսրայէլի որդիներուն դարձան եւ անոնց լուր բերին։ 33 Այս բանը Իսրայէլի որդիներուն հաճոյ երեւցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Աստուած օրհնեցին եւ Ռուբէնին որդիներուն եւ Գադին որդիներուն բնակած երկրին դէմ պատերազմի երթալու մասին չխօսեցան։ 34 Ռուբէնին որդիները ու Գադին որդիները այն սեղանին անունը վկայութիւն դրին, որովհետեւ ըսին. «Անիկա մեր մէջ վկայութիւն է, թէ մեր Աստուածը Եհովան է»։

ՅԵՍՈՒԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

23 1 Բաւական ժամանակ անցած էր այն օրէն, երբ Տէրը հանգստացուց Իսրայէլը անոր բոլորտիքի բոլոր թշնամիներէն։ Յեսու, որ ծերացած ու տարիքը առած էր, կանչեց բոլոր Իսրայէլը, անոր ծերերը, իշխանները, դատաւորներն ու ոստիկանները եւ անոնց ըսաւ. «Ես ծերացայ ու տարիքս առի։ Դուք տեսաք այն ամէնը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար ըրաւ այս բոլոր ազգերուն. քանզի ձեր Տէր Աստուածը՝ ինքը ձեզի համար պատերազմ ըրաւ։ Նայեցէք, ես ձեզի այս մնացած ազգերը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնեցի՝ ձեր ցեղերուն համեմատ, Յորդանանէն, իմ կոտորած բոլոր ազգերովս մէկտեղ, մինչեւ մեծ ծովը դէպի արեւմուտք։ Ձեր Տէր Աստուածը ինքը ձեր առջեւէն պիտի հալածէ զանոնք ու պիտի վռնտէ եւ անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ըսաւ։ Ուստի խիստ ժի՛ր եղէք, որպէս զի Մովսէսին օրէնքներու գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները զգուշութեամբ գործադրէք ու անկէ աջ կողմը կամ ձախ կողմը չխոտորիք. Որպէս զի ձեր քով մնացած այս ազգերուն հետ չխառնուիք ու անոնց աստուածներուն անունները չյիշէք եւ անոնցմով երդում չընէք ու անոնց չծառայէք եւ անոնց երկրպագութիւն չընէք. Հապա ձեր Տէր Աստուծոյն յարիք, ինչպէս մինչեւ այսօր ըրիք։ Տէրը ձեր առջեւէն մեծ ու զօրաւոր ազգեր վռնտեց ու մինչեւ այսօր բնաւ մէկը չկրցաւ ձեզի դէմ դնել։ 10 Ձեզմէ մէկը անոնց հազարը հալածեց, քանզի ձեր Տէր Աստուածը՝ ինքը՝ ձեզի համար պատերազմեցաւ, ինչպէս ձեզի խոստացած էր։

11 «Ուստի աղէկ զգուշութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի ձեր Տէր Աստուածը սիրէք։ 12 Բայց եթէ անկէ դառնալու ըլլաք ու ձեր քով մնացած այս ազգերուն մնացորդին յարիք եւ անոնց հետ խնամութիւն ընէք ու դուք անոնց հետ խառնուիք եւ անոնք ալ ձեզի հետ, 13 Ստոյգ գիտցէք, որ ձեր Տէր Աստուածը անգամ մըն ալ այս ազգերը ձեր առջեւէն պիտի չվռնտէ. հապա անոնք ձեզի որոգայթ ու գայթակղութիւն պիտի ըլլան եւ ձեր կողերուն՝ խթաններ ու ձեր աչքերուն՝ փուշեր, մինչեւ որ բնաջինջ ըլլաք այս ընտիր երկրին վրայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։ 14 Ահա ես այսօր երկրին ճամբան կ’երթամ ու դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ։ 15 Ու ինչպէս ձեր Տէր Աստուծոյ ձեզի համար ըրած բոլոր բարի խօսքերը ձեր վրայ կատարուեցան, նոյնպէս Տէրը բոլոր չար խօսքերը ձեր վրայ պիտի բերէ, մինչեւ որ բնաջինջ ընէ ձեզ այս ընտիր երկրին վրայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։ 16 Եթէ ձեր Տէր Աստուծոյ ձեզի պատուիրած ուխտը զանց ընէք ու երթաք օտար աստուածներ պաշտէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք, Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ պիտի բորբոքի ու ձեզի տուած ընտիր երկրին վրայէն շուտով պիտի կորսուիք»։

ՅԵՍՈՒ ՍԻՒՔԷՄԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

24 1 Յեսու Իսրայէլի բոլոր ցեղերը Սիւքէմի մէջ հաւաքեց ու Իսրայէլի ծերերը, իշխանները, դատաւորները եւ ոստիկանները կանչեց ու անոնք Աստուծոյ առջեւ կեցան։ Յեսու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Առաջ ձեր հայրերը, Աբրահամին հայրը ու Նաքովրին հայրը Թարա, Գետին անդիի կողմը բնակեցան եւ օտար աստուածներ պաշտեցին։ Ու ես ձեր հայրը Աբրահամը Գետին անդիի կողմէն առի ու զանիկա Քանանի բոլոր երկրին մէջ պտըտցուցի եւ անոր սերունդը շատցուցի ու Իսահակը անոր տուի։ Եւ Իսահակին՝ Յակոբն ու Եսաւը տուի։ Եսաւին Սէիր լեռը ժառանգութիւն տուի։ Յակոբ ու անոր որդիները Եգիպտոս իջան։ Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկելով Եգիպտոսը զարկի, (ինչպէս անոր մէջ ըրի,) ետքը ձեզ հանեցի։ Ուստի ես ձեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցի եւ դուք ծովը եկաք։ Եգիպտացիները կառքերով ու ձիաւորներով մինչեւ Կարմիր ծովը ձեր հայրերուն ետեւէն ինկան։ Այն ատեն ձեր հայրերը Տէրոջը աղաղակեցին։ Տէրը ձեր ու Եգիպտացիներուն մէջտեղ խաւար ձգեց ու ծովը Եգիպտացիներուն վրայ բերելով՝ զանոնք ծածկեց։ Ձեր աչքերը Եգիպտոսի մէջ ըրած բաներս տեսան ու շատ ժամանակ անապատին մէջ բնակեցաք։ Ետքը ձեզ բերի Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներուն երկիրը, որոնք ձեզի հետ պատերազմ ըրին։ Զանոնք ձեր ձեռքը տուի ու անոնց երկիրը ժառանգեցիք եւ զանոնք ձեր առջեւէն բնաջինջ ըրի։ Ետքը Մովաբի թագաւորը Սեպփօրեան Բաղակ ելաւ ու Իսրայէլի դէմ պատերազմ ըրաւ եւ մարդ ղրկեց Բէովրեան Բաղաամը կանչելու, որպէս զի ձեզ նզովէ, 10 Բայց չուզեցի Բաղաամին մտիկ ընել ու անիկա ընդհակառակը ձեզ օրհնեց։ Անոր ձեռքէն ձեզ ազատեցի։ 11 Ետքը Յորդանանէն անցնելով Երիքով եկաք։ Երիքովի բնակիչները՝ Ամօրհացիները, Փերեզացիները, Քանանացիները, Քետացիները, Գերգեսացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները ձեզի դէմ պատերազմ ըրին։ Ես զանոնք ձեր ձեռքը տուի։ 12 Ձեր առջեւէն իշամեղուներ ղրկեցի, որոնք զանոնք, այսինքն Ամօրհացիներուն երկու թագաւորները, ձեր առջեւէն վռնտեցին։ Ո՛չ քու սրովդ եւ ո՛չ քու աղեղովդ վռնտուեցան։ 13 Ձեզի երկիր մը տուի, որուն մէջ դուք չաշխատեցաք եւ քաղաքներ՝ որոնք դուք չշինեցիք, որոնց մէջ կը բնակիք, կ’ուտէք այն այգիներէն ու ձիթենիներէն, որոնք դուք չտնկեցիք’։

14 «Ուստի հիմա Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ըրէք եւ այն աստուածները, որոնց ձեր հայրերը Գետին անդիի կողմը ու Եգիպտոսի մէջ ծառայութիւն ըրին, մէկդի ձգեցէ՛ք եւ Տէրը պաշտեցէ՛ք։ 15 Բայց եթէ Տէրոջը ծառայութիւն ընելը ձեզի հաճոյ չ’երեւնար, ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք՝ Գետին անդիի կողմը ձեր հայրերուն պաշտած աստուածնե՞րը, թէ Ամօրհացիներուն աստուածները, որոնց երկրին մէջ դուք կը բնակիք. բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։

16 Այն ատեն ժողովուրդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, որ մենք Եհովան թողունք եւ ուրիշ աստուածներ պաշտենք. 17 Քանզի Եհովան՝ ինքն է մեր Աստուածը, որ մեզ ու մեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանեց եւ ինք մեր աչքերուն առջեւ մեծ նշաններ ըրաւ ու մեզ պահեց մեր գացած ճամբուն մէջ եւ բոլոր ազգերուն մէջ, որոնց մէջէն անցանք։ 18 Եհովան բոլոր ազգերը ու այս երկրին մէջ բնակող Ամօրհացիները մեր առջեւէն վռնտեց. մենք ալ Եհովան պիտի պաշտենք, որովհետեւ մեր Աստուածը ինքն է»։

19 Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք չէք կրնար Եհովան պաշտել, քանզի անիկա սուրբ Աստուած է ու անիկա նախանձոտ Աստուած ըլլալով՝ ձեր յանցանքներն ու մեղքերը չի ներեր։ 20 Քանզի երբ Եհովան թողուք ու օտար աստուածներ պաշտէք, այն ատեն պիտի դառնայ ու ձեզի բարիք ընելու տեղ ձեզ չարչարելով բնաջինջ պիտի ընէ»։

21 Ժողովուրդը Յեսուին ըսաւ. «Ո՛չ, հապա մենք Եհովան պիտի պաշտենք»։

22 Այն ատեն Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեր անձերուն դէմ վկայ էք, որ դուք ձեզի Եհովան ընտրեցիք՝ զանիկա պաշտելու համար։ Ու անոնք ըսին՝ «Վկայ ենք»։ 23 Ուրեմն հիմա ձեր մէջ եղած օտար աստուածները վերցուցէ՛ք եւ ձեր սիրտը Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դարձուցէ՛ք»։ 24 Ժողովուրդը Յեսուին ըսաւ. «Մենք մեր Տէր Աստուածը պիտի պաշտենք ու անոր խօսքին պիտի հնազանդինք»։

25 Նոյն օրը Յեսու ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ ու Սիւքէմի մէջ կանոն ու օրէնք դրաւ։ 26 Յեսու այս խօսքերը Աստուծոյ օրէնքներու գրքին մէջ գրեց ու մեծ քար մը առաւ եւ զանիկա Տէրոջը սրբարանին քով եղած բեւեկնիին տակ կանգնեցուց։ 27 Յեսու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա այս քարը մեզի վկայ ըլլայ, քանզի ասիկա Տէրոջը մեզի հետ խօսած բոլոր խօսքերը լսեց. ուստի ասիկա ձեզի վկայ ըլլայ, որպէս զի չըլլայ թէ ձեր Աստուածը ուրանաք»։ 28 Ետքը Յեսու ժողովուրդը արձակեց ու ամէն մարդ իր ժառանգութեանը գնաց։

ՅԵՍՈՒ ԵՒ ԵՂԻԱԶԱՐ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆ

29 Այս բաներէն ետքը Տէրոջը ծառան Նաւեան Յեսու մեռաւ, հարիւր տասը տարեկան ըլլալով։ 30 Ու զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լերան հիւսիսային կողմը՝ Եփրեմի լեռը Թամնաթ–Սարայի մէջ թաղեցին։

31 Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր գործերը գիտցող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Իսրայէլ Տէրոջը ծառայութիւն ըրաւ։

32 Յովսէփին ոսկորները, որոնք Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հաներ էին, Սիւքէմի մէջ թաղեցին՝ ագարակին այն մասին մէջ, որ Յակոբ Սիւքէմի հօրը Եմովրի որդիներէն հարիւր կտոր արծաթի ծախու առեր էր։ Անիկա Յովսէփի որդիներուն ժառանգութիւնը եղաւ։

33 Ահարոնի որդին Եղիազարն ալ մեռաւ ու զանիկա Եփրեմի լեռը, անոր որդիին Փենէհէսին տրուած բլուրին վրայ թաղեցին։