ԳԻՐՔ ԵԼԻՑ

ԳԻՐՔ ԵԼԻՑ

ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՆԳԹՈՒԹԻՒՆԸ

1 1 Եգիպտոս գացող Իսրայէլի որդիներուն անունները ասոնք են. ամէն մէկը իր տունովը Յակոբին հետ գնաց. Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի ու Յուդա, Իսաքար, Զաբուղոն եւ Բենիամին, Դան ու Նեփթաղիմ, Գադ ու Ասեր։ Եւ Յակոբի երանքէն ելած բոլոր հոգիները եօթանասուն հոգի էին. Յովսէփն ալ Եգիպտոս էր։ Յովսէփ ու անոր բոլոր եղբայրները եւ բոլոր այն ազգը մեռան։ Եւ Իսրայէլին որդիները աճեցան ու բազմացան եւ շատցան ու խիստ զօրացան եւ այն երկիրը անոնցմով լեցուեցաւ։

Արդ Եգիպտոսի վրայ նոր թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։ Անիկա ըսաւ իր ժողովուրդին. «Ահա Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդը մեզմէ շատ ու զօրաւոր են. 10 Եկէք խորամանկութիւն բանեցնենք անոնց դէմ, որ չըլլայ թէ շատնան ու երբ պատերազմ պատահելու ըլլայ, անոնք ալ մեր թշնամիներուն հետ միանան ու մեզի դէմ պատերազմին եւ այս երկրէն ելլեն»։ 11 Անոր համար գործավարներ դրին անոնց վրայ, որպէս զի չարչարեն զանոնք ծանր գործերով։ Փարաւոնին շտեմարանին քաղաքներ՝ Փիթօմը ու Ռամսէսը՝ շինեցին։ 12 Որչափ կը չարչարէին զանոնք, անոնք ա՛լ աւելի կը շատնային ու կ’աճէին։ Եգիպտացիները Իսրայէլի որդիներէն ձանձրացան 13 Եւ բռնութեամբ կը ծառայեցնէին Իսրայէլի որդիները։ 14 Անոնց կեանքը ծանր գործով՝ կաւով ու աղիւսներով եւ դաշտի ամէն տեսակ գործով կը դառնացնէին։ Ինչ ծառայութիւն որ անոնց ընել տային՝ բռնութեամբ կ’ընէին։

15 Եգիպտոսի թագաւորը խօսեցաւ Եբրայեցիներու մանկաբարձներուն, որոնցմէ մէկուն անունը՝ Սեփրա ու միւսին անունը՝ Փուա էր 16 Ու ըսաւ. «Եբրայեցի կիներուն տղաքը առած ատեննիդ՝ նստարաններուն վրայ պէտք է նայիք, եթէ տղայ է՝ պէտք է մեռցնէք զանիկա եւ եթէ աղջիկ է՝ թող ողջ մնայ»։ 17 Բայց մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան ու Եգիպտոսի թագաւորին իրենց ըսածին պէս չըրին. հապա արուներն ալ ողջ կը թողուին։ 18 Եգիպտոսի թագաւորը կանչեց մանկաբարձները ու ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այս բանը ըրիք ու արուները ողջ թողուցիք»։ 19 Եւ մանկաբարձները ըսին Փարաւոնին. «Քանզի Եբրայեցի կիները Եգիպտոսի կիներուն պէս չեն. վասն զի առոյգ են. մանկաբարձը անոնց չհասած՝ կը ծնանին»։ 20 Անոր համար Աստուած մանկաբարձներուն բարիք ըրաւ եւ ժողովուրդը շատցաւ ու խիստ զօրացաւ։ 21 Քանի որ մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան, Աստուած ալ անոնց տուներ շինեց։ 22 Այն ատեն Փարաւոն իր բոլոր ժողովուրդին հրամայեց՝ ըսելով. «Ամէն ծնած տղայ գետը նետեցէք եւ ամէն աղջիկ ողջ թողուցէք»։

ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ

2 1 Ղեւիի տունէն մէկը գնաց ու Ղեւիի մէկ աղջիկը կին առաւ։ Կինը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Անոր գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ երեք ամիս պահեց զանիկա։ Երբ ա՛լ չէր կրնար պահել զանիկա, պրտուեղէն տապանակ մը առաւ անոր համար եւ կուպրով ու ձիւթով ծեփեց եւ տղան մէջը դրաւ ու գետին եզերքը եղած շամբին մէջ ձգեց։ Տղուն քոյրը հեռուն կայնեցաւ, որպէս զի տեսնէ թէ ի՞նչ պիտի պատահի անոր։ Երբ Փարաւոնին աղջիկը գետը իջաւ լուացուելու՝ անոր աղախինները գետին եզերքը կը պտըտէին։ Երբ շամբին մէջտեղը տապանակը տեսաւ, իր աղախինը ղրկեց, որ բերաւ զանիկա։ Երբ բացաւ՝ տղան տեսաւ։ Տղան կու լար։ Խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ. «Ասիկա Եբրայեցիներու տղաքներէն է»։ Այն ատեն տղուն քոյրը ըսաւ Փարաւոնին աղջկան. «Երթամ ու քեզի Եբրայեցիներէն ծիծ տուող կին մը կանչե՞մ, որ տղան սնուցանէ քեզի համար»։ Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ անոր. «Գնա՛»։ Աղջիկը գնաց ու իր մայրը կանչեց։ Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ կնոջ. «Ա՛ռ այս տղան՝ սնուցանէ ինծի համար. ես քու վարձքդ կու տամ»։ Կինը առաւ տղան ու սնուցանեց զանիկա։ 10 Երբ տղան մեծցաւ, Փարաւոնին աղջիկը բերաւ զանիկա, որը իրեն որդի ըրաւ եւ անոր անունը Մովսէս դրաւ ու ըսաւ. «Քանզի ջուրէն հանեցի զանիկա»։

ՄՈՎՍԷՍ ՄԱԴԻԱՄ ԿԸ ՓԱԽՉԻ

11 Երբ Մովսէս մեծցաւ, իր եղբայրներուն գնաց ու անոնց ծանր գործերուն նայեցաւ։ Օր մը տեսաւ Եգիպտացի մը, որ իր Եբրայեցի եղբայրներէն մէկը կը ծեծէր։ 12 Անդին ասդին նայելով տեսաւ որ մէ՛կը չկայ, մեռցուց Եգիպտացին ու աւազին մէջ թաղեց զանիկա։ 13 Հետեւեալ օրը գնաց եւ ահա երկու Եբրայեցի մարդիկ կը կռուէին իրարու հետ։ Ըսաւ անոր, որ իրաւունք չունէր. «Ինչո՞ւ քու ընկերիդ կը զարնես»։ 14 Անիկա ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ. զի՞ս ալ մեռցնելու միտք ունիս, ինչպէս Եգիպտացին մեռցուցիր»։ Մովսէս վախցաւ ու ըսաւ. «Անշուշտ այս բանը իմացուած է»։

15 Երբ Փարաւոն լսեց այս բանը, Մովսէսը մեռցնել ուզեց, բայց Մովսէս Փարաւոնին երեսէն փախաւ ու Մադիամի երկիրը գնաց եւ հորի մը քով նստաւ։ 16 Մադիամի քուրմը եօթը աղջիկ ունէր։ Անոնք եկան եւ ջուր քաշեցին ու իրենց հօրը հօտին խմցնելու համար աւազանները լեցուցին։ 17 Հովիւներ եկան ու վռնտեցին զանոնք. Մովսէս ելաւ ու օգնեց աղջիկներուն եւ անոնց հօտին ջուր խմցուց։ 18 Երբ աղջիկները իրենց հօրը Ռագուէլին գացին, հայրը ըսաւ. «Ի՞նչ պատճառով այսօր շուտ եկաք»։ 19 Անոնք ըսին. «Եգիպտացի մը մեզ հովիւներուն ձեռքէն ազատեց ու մեզի ալ շատ ջուր քաշեց ու հօտին խմցուց»։ 20 Ան ալ ըսաւ իր աղջիկներուն. «Ո՞ւր է անիկա. ինչո՞ւ այն մարդը այդպէս թողուցիք. կանչեցէ՛ք զանիկա, որպէս զի հաց ուտէ»։ 21 Մովսէս հաճեցաւ այն մարդուն հետ բնակիլ ու անիկա իր Սեպփօրա աղջիկը Մովսէսին կնութեան տուաւ։ 22 Եւ կինը որդի մը ծնաւ եւ անիկա անոր անունը Գերսամ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Պանդուխտ եղայ օտար երկրին մէջ»։

23 Շատ օրեր ետքը Եգիպտոսի թագաւորը մեռաւ։ Իսրայէլի որդիները ծառայութեան պատճառով հառաչեցին ու աղաղակեցին։ Ծառայութեան համար անոնք աղաղակեցին Աստուծոյ։ 24 Աստուած անոնց հեծեծանքը լսեց ու Աստուած յիշեց իր ուխտը՝ որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ ըրեր էր։ 25 Աստուած նայեցաւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ, գիտցաւ անոնց վիճակը։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎՍԷՍԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

3 1 Մովսէս Մադիամի քուրմին՝ իր աներոջ՝ հօտը կ’արածէր։ Հօտը անապատին ետին քշելով Աստուծոյ լեռը, Քորեբ, հասաւ։ Եւ Տէրոջը հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն երեւցաւ անոր։ Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր։ Մովսէս ըսաւ. «Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չայրիր»։ Տէրը տեսաւ, որ անիկա տեսնելու եկաւ, Աստուած մորենիին մէջէն կանչեց անոր ու ըսաւ. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Աստուած ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է»։ Նաեւ ըսաւ անոր. «Ես եմ քու հօրդ Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէս իր երեսը ծածկեց, վասն զի Աստուծոյ նայելու վախցաւ։

Տէրը ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ Եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը, Քանանացիներու եւ Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու եւ Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու տեղը, տանելու եկայ։ Հիմա Իսրայէլի որդիներուն աղաղակը ինծի հասաւ ու Եգիպտացիներուն անոնց ըրած հարստահարութիւնն ալ տեսայ։ 10 Ուստի եկո՛ւր, քեզ Փարաւոնին ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես»։ 11 Եւ Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»։ 12 Աստուած ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտէք Աստուած»։

13 Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Երբ ես երթամ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսեմ անոնց՝ ‘Ձեր հայրերուն Աստուածը զիս ձեզի ղրկեց’ եւ երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։ 14 Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։ Եւ ըսաւ. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Զիս ՈՐ ԷՆ ղրկեց ձեզի’»։ 15 Դարձեալ Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը, զիս ձեզի ղրկեց’. իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է։ 16 Գնա՛ Իսրայէլի ծերերը մէկտեղ հաւաքէ՛ ու ըսէ՛ անոնց. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը, երեւցաւ ինծի ըսելով. «Արդարեւ, այցելութիւն ըրի ձեզի ու Եգիպտոսի մէջ ձեր քաշածը տեսայ. 17 Ու ըսի որ ձեզ Եգիպտոսի չարչարանքէն դէպի Քանանացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու երկիրը, կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի հանեմ»’։ 18 Անոնք քու ձայնիդ մտիկ պիտի ընեն եւ դուն ու Իսրայէլի ծերերը Եգիպտոսի թագաւորին պիտի մտնէք ու ըսէք անոր. ‘Եբրայեցիներու Աստուածը Եհովան մեզի հանդիպեցաւ եւ հիմա կ’աղաչենք, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք դէպի անապատը, որպէս զի մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’։ 19 Ես գիտեմ թէ Եգիպտոսի թագաւորը պիտի չթողու ձեզ, որ երթաք, ո՛չ ալ զօրաւոր ձեռքով։ 20 Ես ձեռքս պիտի երկնցնեմ ու պիտի զարնեմ Եգիպտոսը իմ բոլոր հրաշքներովս, որոնք անոր մէջ պիտի ընեմ. միայն անկէ ետքը ձեզ պիտի թողու որ երթաք։ 21 Այս ժողովուրդին շնորհք պիտի տամ Եգիպտացիներուն առջեւ ու երբ ելլէք, դատարկ պիտի չելլէք. 22 Հապա ամէն կին իր դրացիին ու իր տանը մէջ բնակող կնոջմէն արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ թող խնդրէ եւ անոնք ձեր որդիներուն ու աղջիկներուն վրայ պիտի դնէք ու Եգիպտոսը պիտի կողոպտէք»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎՍԷՍԻՆ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ

4 1 Մովսէս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Բայց անոնք ինծի պիտի չհաւատան, ոչ ալ իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն. քանզի պիտի ըսեն թէ՝ ‘Տէրը քեզի չերեւցաւ’»։ Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Այդ քու ձեռքինդ ի՞նչ է»։ Անիկա ըսաւ. «Գաւազան»։ Աստուած ըսաւ. «Գետինը ձգէ զայն»։ Անիկա գետինը ձգեց ու օձ եղաւ։ Մովսէս անոր առջեւէն փախաւ։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ երկնցուր ու պոչէն բռնէ»։ Անիկա իր ձեռքը երկնցուց ու զանիկա բռնեց եւ գաւազան եղաւ իր ձեռքին մէջ։ «Ասով պիտի հաւատան թէ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը երեւցաւ քեզի»։

Տէրը դարձեալ ըսաւ անոր. «Հիմա քու ձեռքդ ծոցդ դիր»։ Անիկա իր ձեռքը ծոցը դրաւ եւ երբ դուրս հանեց, ահա իր ձեռքը ձիւնի պէս ճերմակ՝ բորոտ եղաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ձեռքդ նորէն ծոցդ դիր»։ Անիկա նորէն իր ձեռքը ծոցը դրաւ եւ երբ ծոցէն հանեց, ահա նորէն իր բնական մարմնին պէս եղաւ։ «Եթէ քեզի չհաւատան ու առաջին նշանին մտիկ չընեն, երկրորդ նշանին պիտի հաւատան։ Իսկ եթէ այս երկու նշաններուն ալ չհաւատան ու քու ձայնիդ ալ մտիկ չընեն՝ գետին ջուրէն ա՛ռ ու ցամաք գետինը թափէ՛։ Այն ջուրը որ գետէն առիր, ցամաքին վրայ արիւն պիտի ըլլայ»։

10 Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»։ 11 Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ ես՝ Տէրս։ 12 Ուստի գնա՛ հիմա ու ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս»։ 13 Անիկա ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, այս պատգամը որո՛ւ ձեռքով ղրկել կ’ուզես՝ ղրկէ»։ 14 Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Մովսէսին դէմ ու ըսաւ. «Ղեւտացի Ահարոնը քու եղբայրդ չէ՞. ես գիտեմ որ անիկա ճարտարախօս է. նաեւ ահա անիկա քեզ դիմաւորելու պիտի ելլէ։ Քեզ տեսածին պէս իր սրտին մէջ պիտի ուրախանայ։ 15 Դուն խօսէ՛ անոր ու անոր բերանը խօսքեր դիր եւ ես քու բերնիդ ու անոր բերնին հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի ըսէք։ 16 Եւ քու տեղդ անիկա թող խօսի ժողովուրդին եւ անիկա քեզի բերնի տեղ ըլլայ ու դուն անոր աստուծոյ տեղ ըլլաս։ 17 Եւ այս գաւազանը ձեռքդ առ, որպէս զի անով նշանները ընես»։

ՄՈՎՍԷՍ ԵԳԻՊՏՈՍ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

18 Մովսէս գնաց իր Յոթոր աներոջը ու ըսաւ անոր. «Հիմա երթամ Եգիպտոսի մէջ եղող եղբայրներուս եւ նայիմ թէ տակաւին ո՞ղջ են անոնք»։ Յոթոր ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։ 19 Տէրը Մադիամի մէջ ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, Եգիպտոս դարձի՛ր. վասն զի քու կեանքդ փնտռող բոլոր մարդիկը մեռան»։ 20 Մովսէս իր կինը ու իր որդիները առաւ եւ իշու վրայ հեծցուց զանոնք ու Եգիպտոս դարձաւ։ Մովսէս Աստուծոյ գաւազանը իր ձեռքը առաւ։ 21 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Երբ դառնաս՝ Եգիպտոս երթաս, նայէ որ Փարաւոնին առջեւ բոլոր հրաշքները ընես, որոնք քու ձեռքդ դրի եւ ես անոր սիրտը պիտի խստացնեմ ու ժողովուրդը պիտի չթողու։ 22 Եւ ըսէ Փարաւոնին. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլ իմ որդիս, իմ անդրանիկս է։ 23 Քեզի կ’ըսեմ, Իմ որդիս թող տուր, որպէս զի զիս պաշտէ. բայց եթէ զանիկա թող տալ չուզես, ահա ես քու որդիդ, մանաւանդ քու անդրանիկդ, պիտի սպաննեմ’»։

24 Եւ եղաւ որ ճամբան իջած տեղը Տէրը անոր պատահեցաւ եւ ուզեց սպաննել զանիկա։ 25 Ուստի Սեպփօրա սուր քար մը առաւ ու իր որդիին անթլփատութիւնը թլփատեց եւ անոր ոտքերուն ձգեց ու ըսաւ. «Իրաւցնէ դուն ինծի արիւնոտ ամուսին մըն ես»։ 26 Այսպէս Տէրը թող տուաւ զանիկա. այն ատեն թլփատութեանը համար Սեպփօրա ըսաւ. «Արիւնոտ ամուսին մըն ես»։

27 Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Գնա՛ անապատը Մովսէսը դիմաւորելու»։ Անիկա գնաց ու Աստուծոյ լերանը վրայ պատահեցաւ եղբօրը եւ համբուրեց զանիկա։ 28 Մովսէս Ահարոնին պատմեց Տէրոջը բոլոր խօսքերը, որ ղրկեց զինք եւ բոլոր նշանները, որոնք իրեն պատուիրեց։

29 Եւ Մովսէս ու Ահարոն գացին ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ծերերը հաւաքեցին։ 30 Ահարոն Տէրոջը Մովսէսին ըսած բոլոր խօսքերը ըսաւ անոնց ու ժողովուրդին առջեւ նշաններ ըրաւ։ 31 Ժողովուրդը հաւատաց։ Երբ լսեցին թէ՝ Տէրը այցելութիւն ըրած է Իսրայէլի որդիներուն, թէ՝ անոնց քաշած նեղութիւններուն նայած է, խոնարհեցան ու երկրպագութիւն ըրին։

ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆ ՓԱՐԱՒՈՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

5 1 Ետքը Մովսէս ու Ահարոն, Փարաւոնին գացին ու ըսին. «Իսրայէլի Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իմ ժողովուրդիս թոյլատրէ, որպէս զի անապատին մէջ ինծի տօնախմբութիւն ընեն’»։ Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թոյլատրեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար եւ Իսրայէլին ալ չեմ թոյլատրեր»։ Անոնք ըսին. «Եբրայեցիներուն Աստուածը մեզի հանդիպեցաւ։ Հրաման տուր, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք անապատին մէջ ու մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք, որ չըլլայ թէ ժանտախտով կամ սրով մեզի դէմ ելլէ»։ Եգիպտոսի թագաւորն ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Մովսէս ու Ահարոն, ինչո՞ւ ժողովուրդը իրենց գործերէն ետ կը թողուք. գացէ՛ք, աշխատեցէք»։ Փարաւոն ըսաւ. «Ահա հիմա երկրին ժողովուրդը շատ է ու դուք կը դադրեցնէք զանոնք գործելէ»,

Փարաւոն այն օրը ժողովուրդին գործավարներուն ու անոնց վերակացուներուն հրամայեց. «Երէկուան ու միւս օրուան պէս՝ ա՛լ ժողովուրդին յարդ մի՛ տաք աղիւս շինելու համար։ Թող իրենք երթան ու իրենց յարդ հաւաքեն։ Անոնցմէ ա՛յնքան աղիւս պահանջեցէք, որքան առաջ կը շինէին ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք. վասն զի ծոյլ են ու անոր համար կը պոռան՝ ‘Երթանք, մեր Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’։ Թող գործը այս մարդոց վրայ ծանրանայ, որպէս զի անով աշխատին ու փուճ խօսքերու մտիկ չընեն»։ 10 Եւ ժողովուրդին գործավարներն ու վերակացուները ելան եւ ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Փարաւոն այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեզի յարդ չեմ տար. 11 Դուք գացէք, ձեզի յարդ ճարեցէ՛ք, ուրկէ որ կրնաք գտնել’. բայց ձեր գործէն բան մը պիտի չպակսի»։ 12 Այսպէս ժողովուրդը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ցրուեցան՝ յարդի տեղ խոզան հաւաքելու համար։ 13 Գործավարները կը ստիպէին զանոնք՝ ըսելով. «Ձեր ամէն օրուան գործը կատարեցէք, ինչպէս երբ յարդ ունէիք»։ 14 Փարաւոնին գործավարները Իսրայէլի որդիներուն վրայ իրենց դրած վերակացուները ծեծեցին ու ըսին. «Ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն չափը երէկ ու այսօր ինչո՞ւ չլմնցուցիք առաջուան պէս»։

15 Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները եկան ու Փարաւոնին բողոքեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ քու ծառաներուդ այսպէս կ’ընես։ 16 Քու ծառաներուդ յարդ չեն տար ու մեզի կ’ըսեն՝ ‘Աղիւսներ շինեցէք’։ Ահա քու ծառաներդ ծեծ կերան, մինչ յանցանքը ժողովուրդինն է»։ 17 Անիկա ըսաւ. «Ծոյլ էք դո՛ւք, ծոյլ, անոր համար կ’ըսէք թէ՝ ‘Երթանք Տէրոջը զոհ մատուցանենք’, 18 Ուստի հիմա գացէ՛ք, բանեցէք ու ձեզի յարդ պիտի չտրուի, բայց աղիւսներուն թիւը պիտի պահանջուի»։ 19 Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները ինքզինքնին փորձանքի մէջ տեսան, երբ ըսուեցաւ թէ ‘Ամէն օրուան ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն թիւէն չպակսեցնէք’»։ 20 Փարաւոնին քովէն դուրս ելած ատեննին հանդիպեցան Մովսէսին ու Ահարոնին, որ իրենց կը սպասէին 21 Ու ըսին անոնք. «Տէրը ձեզի նայի ու դատէ՛. վասն զի գարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ, մեզ սպաննելու համար անոնց ձեռքը սուր տալով»։

ՄՈՎՍԷՍ ՏԷՐՈՋԸ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ

22 Մովսէս Տէրոջը դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեցիր եւ զիս ինչո՞ւ ղրկեցիր։ 23 Քու անունովդ Փարաւոնին գալէս յետոյ, անիկա այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեց ու դուն բնաւ չփրկեցիր քու ժողովուրդդ»։

6 1 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին ընելիքս հիմա պիտի տեսնես. որ հզօր ձեռքով պիտի թողու զանոնք ու հզօր ձեռքով պիտի վռնտէ զանոնք իր երկրէն»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎՍԷՍԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

Եւ Աստուած շարունակեց ու ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ Եհովան Որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Ամենակարող Աստուծոյ անունով երեւցայ. բայց իմ Եհովա անունովս անոնց չյայտնուեցայ։ Նաեւ անոնց հետ իմ ուխտս հաստատեցի, որ անոնց տամ Քանանի երկիրը, անոնց օտարութեան երկիրը, ուր պանդխտացան։ Լսեցի Իսրայէլի որդիներուն հառաչանքը, որոնք Եգիպտացիները ծառայեցուցին ու իմ ուխտս յիշեցի։ Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. ‘Ես եմ Եհովա, ես ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն պիտի հանեմ ու ձեզ անոնց ծառայութենէն պիտի ազատեմ եւ ձեզ երկնցած բազուկով ու մեծ դատաստաններով պիտի փրկեմ Եւ ձեզ ինծի ժողովուրդ պիտի ընեմ ու ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ եւ պիտի գիտնաք թէ ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն հանող Տէրը, ձեր Աստուածը, ես եմ։ Ձեզ այն երկիրը պիտի տանիմ, որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին տալու երդում ըրի ու զայն ձեզի ժառանգութիւն ըլլալու պիտի տամ։ Ես եմ Տէրը’»։ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն այսպէս ըսաւ. բայց անոնք հոգիի նեղութենէն ու գործին ծանրութենէն մտիկ չըրին Մովսէսին։

10 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 11 «Մտի՛ր, խօսէ՛ Եգիպտոսի թագաւորին, որ Իսրայէլի որդիները իր երկրէն ազատէ»։ 12 Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը առջեւ՝ ըսելով. «Ահա Իսրայէլի որդիները ինծի մտիկ չըրին, Փարաւո՞ն ինչպէս մտիկ պիտի ընէ։ Արդէն ես ծանրալեզու եմ»։ 13 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին ու հրաման ըրաւ անոնց, որ Իսրայէլի որդիներուն ու Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին երթան, Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանելու համար։

ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆԻՆ ԱԶԳԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

14 Անոնց հայրերուն տուներուն գլուխները ասոնք են. Իսրայէլի անդրանիկին Ռուբէնին որդիները՝ Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն եւ Քամի։ Ասոնք են Ռուբէնին տոհմերը։ 15 Շմաւոնին որդիները՝ Յամուէլ, Յամին, Ոհադ, Յաքին, Սահառ եւ Քանանացի կնոջ որդին Սաւուղ։ Ասոնք են Շմաւոնին տոհմերը։ 16 Ղեւիին որդիներուն անունները իրենց ծնունդներուն համեմատ ասոնք են՝ Գերսոն, Կահաթ եւ Մերարի։ Ղեւիին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան։ 17 Գերսոնին որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ Ղոբենի ու Սեմէի էին։ 18 Կահաթին որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ։ Կահաթին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըերեք տարի եղան։ 19 Մերարիին որդիները՝ Մոողի ու Մուսի։ Ղեւիին տոհմերը իրենց ծնունդներուն համեմատ ասոնք են։ 20 Ամրամ իր հօրաքոյրը Յոքաբէդը իրեն կին առաւ, որ ծնաւ իրեն Ահարոնը ու Մովսէսը։ Ամրամին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան։ 21 Իսահառին որդիները՝ Կորխ, Նափեկ եւ Զեքրի։ 22 Ոզիէլին որդիները՝ Միսայէլ, Եղիսափան եւ Սեթրի։ 23 Ահարոն իրեն կին առաւ Ամինադաբին աղջիկը, Նաասոնին քոյրը Եղիսաբէթը եւ ծնաւ իրեն Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։ 24 Կորխին որդիները՝ Ասիր, Եղկանա եւ Աբիասափ. ասոնք են Կորխին տոհմերը։ 25 Ահարոնի որդին Եղիազար Փուտիէլի աղջիկներէն իրեն կին առաւ եւ ծնաւ Փենէհէսը։ Ասոնք են Ղեւտացիներու հայրերուն գլուխները իրենց տոհմերուն համեմատ։

26 Ասոնք են Ահարոնը ու Մովսէսը՝ որոնց ըսաւ Տէրը. «Իսրայէլի որդիները իրենց զօրքերովը Եգիպտոսի երկրէն հանեցէք»։ 27 Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանելու համար Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին խօսողները ասոնք են. այս Մովսէսը ու Ահարոնը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՐԱՄԱՆԸ ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆԻՆ

28 Այն օրը Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ։ 29 Այն ատեն Տէրը Մովսէսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ես եմ Եհովան. ամէն ինչ որ քեզի կ’ըսեմ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ըսէ»։ 30 Մովսէս Տէրոջը առջեւ ըսաւ. «Ահա ես ծանրալեզու եմ ու Փարաւոնը ի՞նչպէս մտիկ պիտի ընէ ինծի»։

7 1 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Նայէ՛, քեզ Փարաւոնին աստուած ըրի ու թող եղբայրդ Ահարոն քու մարգարէդ ըլլայ։ Դուն իրեն ըսէ՛ այն ամէնը, որ քեզի կը հրամայեմ եւ քու եղբայրդ Ահարոն թող ըսէ Փարաւոնին, որպէս զի Իսրայէլի որդիները իր երկրէն արձակէ։ Ես Փարաւոնին սիրտը պիտի խստացնեմ ու իմ նշաններս ու հրաշքներս Եգիպտոսի երկրին մէջ պիտի շատցնեմ։ Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ ու ես իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ պիտի վերցնեմ եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ մեծ դատաստաններով պիտի հանեմ Եգիպտոսի երկրէն։ Երբ իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ երկնցնեմ ու Իսրայէլի որդիները անոնց մէջէն հանեմ, այն ատեն պիտի գիտնան Եգիպտացիները, որ ես եմ Տէրը»։ Մովսէս եւ Ահարոն Տէրոջը իրենց պատուիրածին պէս ըրին։ Մովսէս ութսուն տարեկան էր ու Ահարոն ութսունըերեք տարեկան էր, երբ Փարաւոնին հետ խօսեցան։

ԱՀԱՐՈՆԻՆ ՔԱԼՈՂ ԳԱՒԱԶԱՆԸ

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Երբ Փարաւոն ձեզի խօսի ու ըսէ՝ ‘Ձեզի համար հրաշք ցուցուցէք’, այն ատեն Ահարոնին ըսէ՝ ‘Գաւազանդ ա՛ռ ու Փարաւոնին առջեւ նետէ՛’։ Անիկա վիշապ պիտի ըլլայ»։ 10 Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրին։ Ահարոն իր գաւազանը նետեց Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ եւ վիշապ եղաւ։ 11 Եւ Փարաւոն իր իմաստուններն ու կախարդները կանչեց։ Եգիպտոսի մոգերը՝ անոնք ալ իրենց կախարդութիւններովը նոյնպէս ըրին։ 12 Ամէն մէկը իր գաւազանը նետեց ու անոնք վիշապներ եղան. բայց Ահարոնին գաւազանը անոնց գաւազանները կլլեց։ 13 Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը ըսեր էր։

ՏԱՍԸ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ

Արիւն

14 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին սիրտը խստացաւ, ժողովուրդը արձակել չուզեր։ 15 Առտուն Փարաւոնին գնա՛։ Ահա անիկա դէպի ջուրը կ’ելլէ։ Դուն գետին եզերքը՝ անոր դէմ կայնէ եւ այն օձ դարձած գաւազանը ձեռքդ առ 16 Ու ըսէ՛ անոր. «Եբրայեցիներուն Եհովա Աստուածը զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն անապատին մէջ. բայց մինչեւ հիմա մտիկ չըրիր’։ 17 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը. ‘Ասով գիտնաս թէ ես եմ Տէրը’։ Ահա ես իմ ձեռքս եղած գաւազանը գետին մէջի ջուրերուն պիտի զարնեմ ու արիւն պիտի դառնան 18 Եւ գետին մէջ եղած ձուկերը պիտի մեռնին ու գետը պիտի հոտի ու Եգիպտացիները պիտի զզուին գետին ջուրէն»։

19 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ըսէ՛ Ահարոնին. ‘Գաւազանդ ա՛ռ ու ձեռքդ երկնցուր Եգիպտացիներուն ջուրերուն վրայ, անոնց առուներուն վրայ, անոնց գետերուն վրայ ու անոնց լիճերուն վրայ եւ անոնց բոլոր ջրակոյտերուն վրայ, որպէս զի արիւն ըլլան։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ՝ փայտէ ու քարէ ամաններուն մէջի ջուրերը արիւն թող ըլլան’»։ 20 Եւ Մովսէս ու Ահարոն Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրին։ Ահարոն իր գաւազանը վերցուց ու Փարաւոնին առջեւ եւ անոր ծառաներուն առջեւ գետին ջուրերուն զարկաւ եւ գետին մէջի բոլոր ջուրերը արիւն դարձան։ 21 Գետին մէջի ձուկերը մեռան ու գետը հոտեցաւ եւ Եգիպտացիները չէին կրնար գետէն ջուր խմել։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ արիւն կար։ 22 Եգիպտոսի մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով նոյնպէս ըրին։ Փարաւոնին սիրտը նորէն կարծրացաւ ու Տէրոջը ըսածին պէս՝ անոնց մտիկ չըրաւ։ 23 Փարաւոն դարձաւ ու իր տունը գնաց։ Աս ալ անոր սրտին չդպաւ։ 24 Բոլոր Եգիպտացիները գետին բոլորտիքը փորեցին խմելու ջուրի համար. վասն զի գետին ջուրէն չէին կրնար խմել։ 25 Տէրը գետը զարնելէն ետքը՝ եօթը օր անցաւ։

Գորտեր

8 1 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին մտի՛ր ու ըսէ՛ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի պաշտեն զիս։ Եւ եթէ զանոնք արձակել չուզես, ահա ես քու բոլոր սահմաններդ գորտերով պիտի զարնեմ։ Գետը շատ գորտեր պիտի հանէ ու անոնք պիտի ելլեն ու քու տանդ եւ ննջարանիդ ու անկողնիդ եւ քու ծառաներուդ տուներուն եւ քու ժողովուրդիդ ու քու թոնիրներուդ եւ խմորի տաշտերուդ մէջ պիտի մտնեն։ Գորտերը քու վրադ եւ ժողովուրդիդ վրայ ու բոլոր ծառաներուդ վրայ պիտի ելլեն’»։

Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահարոնին այսպէս ըսէ՛. ‘Առուներուն վրայ, գետերուն վրայ ու լիճերուն վրայ ձեռքդ երկնցուր քու գաւազանովդ ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանէ’»։ Եւ Ահարոն երկնցուց իր ձեռքը Եգիպտոսի ջուրերուն վրայ եւ գորտեր ելան ու Եգիպտոսի երկիրը ծածկեցին։ Եւ մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններովը նոյնպէս ըրին ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանեցին։

Փարաւոն կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Աղաչեցէ՛ք Տէրոջը, որ ինձմէ ու իմ ժողովուրդէս վերցնէ գորտերը ու ժողովուրդը պիտի արձակեմ, որպէս զի Տէրոջը զոհ մատուցանեն»։ Մովսէս ըսաւ Փարաւոնին. «Ժամանակ մը որոշէ ինծի. ե՞րբ քեզի համար ու ծառաներուդ համար եւ ժողովուրդիդ համար աղաչեմ, որ քեզմէ ու քու տուներէդ գորտերը կորսուին ու միայն գետին մէջ մնան»։ 10 Անիկա ըսաւ. «Վաղը»։ Մովսէս ըսաւ. «Քու խօսքիդ պէս ըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ մեր Եհովա Աստուծոյն պէս մէկը չկայ։ 11 Քեզմէ ու քու տուներէդ եւ քու ծառաներէդ ու քու ժողովուրդէդ գորտերը պիտի վերնան. միայն գետին մէջ պիտի մնան»։ 12 Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնին քովէն ելան ու Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց այն գորտերուն համար, որոնք Փարաւոնին վրայ բերեր էր։ 13 Եւ Տէրը Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ։ Տուներէն, բակերէն եւ արտերէն գորտերը մեռան։ 14 Դէզ դէզ հաւաքեցին զանոնք ու երկիրը հոտեցաւ։ 15 Բայց երբ Փարաւոն հանգստութիւնը տեսաւ, իր սիրտը խստացուց ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։

Մուն

16 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ըսէ՛ Ահարոնին. ‘Քու գաւազանդ երկնցուր ու երկրի հողին զարկ, որպէս զի Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ մուն ըլլայ’»։ 17 Այնպէս ըրին։ Ահարոն իր ձեռքը երկնցուց ու իր գաւազանով հողին զարկաւ եւ մարդոց վրայ ու անասուններուն վրայ մուն եկաւ։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ երկրին բոլոր հողը մուն եղաւ։ 18 Մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով փորձեցին՝ որպէս զի մուներ հանեն, բայց չկրցան։ Այսպէս մարդոց ու անասուններուն վրայ մուն եղաւ։ 19 Մոգերը ըսին Փարաւոնին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Բայց Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։

Շանաճանճ

20 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Առտուն կանուխ ելի՛ր ու Փարաւոնին առջեւ կայնէ՛. (Ահա անիկա դէպի ջուրը կ’ելլէ.) եւ ըսէ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն, 21 Եթէ իմ ժողովուրդս չարձակես, ես քու վրադ ու քու ծառաներուդ վրայ եւ քու ժողովուրդիդ վրայ ու քու տուներուդ վրայ շանաճանճ պիտի ղրկեմ։ Եգիպտացիներուն տուները շանաճանճով պիտի լեցուին, նաեւ այն գետինը որուն վրայ անոնք կը քալեն։ 22 Բայց իմ ժողովուրդիս բնակած Գեսեմի երկիրը պիտի զատեմ ու հոն շանաճանճ պիտի չըլլայ. որպէս զի գիտնաս թէ երկրի մէջ ես եմ Տէրը։ 23 Իմ ժողովուրդիս ու քու ժողովուրդիդ միջեւ խտրութիւն պիտի դնեմ։ Վաղը այս նշանը պիտի ըլլայ’»։ 24 Տէրը այնպէս ըրաւ։ Փարաւոնին տանը եւ անոր ծառաներուն տուներուն ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ շատ շանաճանճ եկաւ ու շանաճանճին պատճառով երկիրը աւրուեցաւ։

25 Փարաւոն կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք ձեր Աստուծոյն զոհ մատուցանեցէք այս երկրին մէջ»։ 26 Եւ Մովսէս ըսաւ. «Արժան չէ այսպէս ընել. վասն զի Եգիպտացիներուն գարշելի սեպուածները Տէրոջը մեր Աստուծոյն զոհ պիտի մատուցանենք։ Եթէ Եգիպտացիներուն գարշելի սեպուածները իրենց աչքին առջեւ զոհ մատուցանելու ըլլանք, պիտի չքարկոծե՞ն մեզ։ 27 Մենք երեք օրուան ճամբայ պիտի երթանք անապատին մէջ ու զոհ պիտի մատուցանենք մեր Տէր Աստուծոյն, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց»։ 28 Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Ես ձեզ թող կու տամ որպէս զի երթաք անապատին մէջ ձեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանէք, միայն թէ շատ հեռու չերթաք։ Ինծի համար աղաչեցէք»։ 29 Մովսէս ըսաւ. «Ահա ես քու քովէդ կ’ելլեմ ու Տէրոջը կ’աղաչեմ, որ վաղը Փարաւոնէն, անոր ծառաներէն ու անոր ժողովուրդէն շանաճանճը վերցնէ, բայց Փարաւոն ա՛լ մեզ չխաբէ՝ ժողովուրդին անգամ մըն ալ թոյլ չտալով, որ Տէրոջը զոհ մատուցանէ»։ 30 Մովսէս Փարաւոնին քովէն ելաւ ու Տէրոջը աղաչեց։ 31 Տէրը Մովսէսին խօսքին պէս ըրաւ ու Փարաւոնէն, անոր ծառաներէն եւ անոր ժողովուրդէն շանաճանճը վերցուց։ Հատ մըն ալ չմնաց։ 32 Փարաւոն այս անգամ ալ իր սիրտը խստացուց ու ժողովուրդը չարձակեց։

Անասուններու մահը

9 1 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին գնա՛ ու ըսէ անոր. Եբրայեցիներու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն. Քանզի եթէ զանոնք արձակել չուզես ու տակաւին պինդ բռնես զանոնք, Ահա Տէրոջը ձեռքը դաշտին մէջ եղած քու հօտերուդ վրայ ըլլալով՝ ձիերուն, էշերուն, ուղտերուն, արջառներուն ու ոչխարներուն մէջ խիստ սաստիկ կոտորած պիտի ըլլայ։ Տէրը Իսրայէլի հօտերը ու Եգիպտոսի հօտերը պիտի զատէ եւ Իսրայէլի որդիներուն անասուններէն ոեւէ մէկը պիտի չմեռնի’»։ Տէրը ժամանակ որոշեց՝ ըսելով. «Վաղը Տէրը այս բանը պիտի ընէ երկրի վրայ»։ Եւ հետեւեալ օրը Տէրը այս բանը ըրաւ ու Եգիպտացիներուն բոլոր հօտերը մեռան. բայց Իսրայէլի որդիներուն հօտերէն մէկը չմեռաւ։ Փարաւոն մարդ ղրկեց ու տեսաւ թէ Իսրայէլի հօտերէն մէկն ալ մեռած չէ։ Փարաւոնին սիրտը աւելի խստացաւ ու ժողովուրդը չարձակեց։

Ուռեցքներ

Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Առէ՛ք ձեռքերնիդ լեցուն հնոցի մոխիր։ Մովսէս դէպի երկինք թող ցանէ զայն՝ Փարաւոնին առջեւ Ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ փոշի պիտի ըլլայ, Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ պիտի ըլլան»։ 10 Անոնք հնոցի մոխիրը առին ու Փարաւոնին առջեւ կայնեցան եւ Մովսէս դէպի երկինք ցանեց զայն ու մարդոց եւ անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ եղան։ 11 Մոգերը ուռեցքներուն պատճառով չկրցան կայնիլ Մովսէսին առջեւ. վասն զի ուռեցքները մոգերուն վրայ ալ ու բոլոր Եգիպտացիներուն վրայ ալ եղան։ 12 Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը, ուստի անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին յայտներ էր։

Կարկուտ

13 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Առտուն կանուխ ելի՛ր, Փարաւոնին առջեւ կայնէ՛ ու անոր ըսէ՛. ‘Եբրայեցիներուն Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Արձակէ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն. 14 Քանզի այս անգամ իմ բոլոր հարուածներս պիտի ղրկեմ քու վրադ եւ քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ վրայ, որպէս զի գիտնաս թէ բոլոր երկրի մէջ ինծի պէս մէկը չկայ։ 15 Քանզի հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէս զի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ ու երկրէն պիտի կորսուիս։ 16 Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի։ 17 Դուն տակաւին իմ ժողովուրդիս դէմ կենալով՝ պիտի չարձակե՞ս զանոնք։ 18 Ահա վաղը այս ատեն խիստ սաստիկ կարկուտ պիտի տեղամ, որ անոր պէս Եգիպտոսի մէջ եղած չէ՝ անոր հաստատուած օրէն մինչեւ հիմա։ 19 Հիմա մարդ ղրկէ՛ ու հաւաքէ քու հօտերդ ու ինչ որ ունիս դաշտին մէջ. քանզի ամէն մարդ ու անասուն որ դաշտին մէջ գտնուի ու տուները հաւաքուած չըլլան, անոնց վրայ կարկուտ պիտի իջնէ ու պիտի մեռնին»’»։ 20 Փարաւոնին ծառաներէն ան որ Տէրոջը խօսքէն կը վախնար, իր ծառաները ու հօտերը տուներու մէջ հաւաքեց։ 21 Ով որ Տէրոջը խօսքին ուշադրութիւն չըրաւ, իր ծառաները ու իր հօտերը դաշտին մէջ թողուց։

22 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քու ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ եւ Եգիպտոսի երկրին մէջ եղած արտերուն բոլոր խոտին վրայ կարկուտ պիտի գայ»։ 23 Մովսէս իր գաւազանը դէպի երկինք երկնցուց ու Տէրը որոտում եւ կարկուտ ղրկեց ու երկրին վրայ կրակ կը վազէր։ Տէրը Եգիպտոսի երկրին վրայ կարկուտ տեղացուց։ 24 Եւ կարկուտ ու կարկուտին հետ՝ խառն կրակ եկաւ։ Այնպէս սաստիկ էր, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ազգ ըլլալէն ի վեր անոր պէս եղած չէր։ 25 Կարկուտը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ, դաշտը եղածին ամէնը, մարդէ մինչեւ անասուն զարկաւ ու դաշտին բոլոր ծառերը կոտրեց։ 26 Միայն Գեսեմի երկրին մէջ, ուր Իսրայէլի որդիները կը բնակէին, կարկուտ չտեղաց։

27 Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Այս անգամ մեղանչեցի. Եհովան արդար է եւ ես ու իմ ժողովուրդս յանցաւոր ենք։ 28 Աղաչեցէ՛ք Տէրոջը, որ Աստուծոյ որոտումներն ու կարկուտը դադրին ու ձեզ պիտի արձակեմ եւ ա՛լ պիտի չկենաք»։ 29 Մովսէս ըսաւ անոր. «Քաղաքէն դուրս ելածիս պէս՝ իմ ձեռքերս Տէրոջը պիտի երկնցնեմ ու որոտումները պիտի դադրին եւ ա՛լ կարկուտ պիտի չըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ երկիրը Տէրոջն է։ 30 Բայց ես գիտեմ թէ դուն ու քու ծառաներդ տակաւին Տէր Աստուծմէ չէք վախնար»։

31 Քթանը ու գարին զարնուեցան. վասն զի գարին հասած էր ու քթանը հասկ կապած։ 32 Բայց ցորենը ու հաճարը չզարնուեցան, վասն զի ուշ կը բուսնին։

33 Եւ Մովսէս Փարաւոնին քովէն քաղաքէն դուրս ելաւ ու ձեռքերը Տէրոջը երկնցուց։ Որոտումներն ու կարկուտը դադարեցան ու երկրին վրայ անձրեւ չտեղաց։ 34 Փարաւոն երբ անձրեւին ու կարկուտին եւ որոտումին դադարիլը տեսաւ, նորէն մեղանչեց ու սիրտը խստացուց, նոյնպէս եւ իր ծառաները։ 35 Եւ այսպէս՝ Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու Իսրայէլի որդիները չարձակեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին իմացուցեր էր։

Մարախներ

10 1 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ Փարաւոնին, վասն զի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէս զի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց Եւ որպէս զի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ եւ իմ նշաններս, որոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։

Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու ըսին. «Եբրայեցիներու Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մինչեւ ե՞րբ պիտի չկամիս խոնարհիլ իմ առջեւս. արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն։ Վասն զի եթէ իմ ժողովուրդս արձակել չուզես, ահա վաղը քու սահմաններուդ վրայ մարախներ պիտի ղրկեմ, Որոնք երկրին երեսը պիտի ծածկեն եւ մէ՛կը պիտի չկրնայ տեսնել երկիրը ու կարկուտէն ձեզի մնացածը պիտի ուտեն եւ արտին մէջ բուսած ձեր բոլոր ծառերը պիտի ուտեն Եւ քու տուներդ ու քու բոլոր ծառաներուդ տուները եւ բոլոր Եգիպտացիներուն տուները պիտի լեցուին, որ ո՛չ քու հայրերդ, ո՛չ ալ քու հայրերուդ հայրերը տեսած են, իրենց երկրի վրայ եղած օրէն մինչեւ այսօր’»։ Եւ դարձան ու Փարաւոնին քովէն դուրս ելան։

Փարաւոնին ծառաները ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ այս մարդը մեզի որոգայթ պիտի ըլլայ. արձակէ՛ մարդիկը, որ իրենց Եհովա Աստուածը պաշտեն. տակաւին չե՞ս գիտեր որ Եգիպտոս աւրուեցաւ»։ Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնին քով կանչուեցան եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք ձեր Եհովա Աստուածը. բայց որո՞նք են գացողները»։ Մովսէս ըսաւ. «Մեր մանուկներովն ու մեր ծերերովը պիտի երթանք, մեր տղաքներովն ու մեր աղջիկներովը, մեր հօտերովն ու մեր արջառներովը պիտի երթանք. քանզի տօն պիտի պահենք Տէրոջը»։ 10 Փարաւոն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ։ Ես ձեզ ու ձեր տղաքները կ’արձակեմ։ Զգուշացէ՛ք, քանզի չարիք կայ ձեր առջեւ։ 11 Ո՛չ, նախ՝ դուք այր մարդիկներդ գացէք ու Տէրը պաշտեցէք. վասն զի դուք ատիկա կ’ուզէիք»։ Փարաւոնին առջեւէն վռնտուեցան։

12 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Երկնցուր քու ձեռքդ Եգիպտոսի երկրին վրայ մարախներու համար, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ ելլեն եւ երկրին բոլոր խոտը, կարկուտէն բոլոր մնացածը, ուտեն»։ 13 Մովսէս երկնցուց իր գաւազանը Եգիպտոսի երկրին վրայ ու Տէրը բոլոր այն օրը ու բոլոր գիշերը երկրի վրայ արեւելեան հով փչել տուաւ։ Առտուն՝ արեւելեան հովը մարախներ բերաւ։ 14 Մարախները Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն վրայ իջան։ Խիստ շատ էին. ասկէ առաջ այնքան մարախ տեսնուած չէր, ասկէ ետքն ալ պիտի չտեսնուի։ 15 Բոլոր երկրին երեսը ծածկեցին ու երկիրը մթնցաւ ու երկրին բոլոր խոտը եւ կարկուտէն մնացած ծառերուն բոլոր պտուղները կերան։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ եղած ծառերուն վրայ եւ արտին խոտերուն վրայ բնաւ կանանչեղէն չմնաց։

16 Ուստի Փարաւոն շուտով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Ձեր Տէր Աստուծոյն ու ձեզի դէմ մեղանչեցի։ 17 Հիմա շնորհք ըրէք, միայն այս անգամ ներեցէ՛ք յանցանքս ու ձեր Տէր Աստուծոյն աղաչեցէ՛ք, որ իմ վրայէս միայն այս հարուածը վերցնէ»։ 18 Անոնք Փարաւոնին քովէն դուրս ելան ու Տէրոջը աղաչեցին։ 19 Տէրը խիստ սաստիկ արեւմտեան հով մը ղրկեց, որ մարախները վերցուց ու Կարմիր ծովը քշեց զանոնք։ Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն մէջ մէկ մարախ չմնաց 20 Բայց Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը ու անիկա Իսրայէլի որդիները չարձակեց։

Շօշափելի խաւար

21 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ խաւար ըլլայ, շօշափելի խաւար մը»։ 22 Եւ Մովսէս իր ձեռքը դէպի երկինք երկնցուց ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ թանձր խաւար եղաւ երեք օր. 23 Մէկզմէկ չէին տեսներ եւ երեք օր մէ՛կը տեղէն չշարժեցաւ, բայց Իսրայէլի որդիները իրենց բնակութիւններուն մէջ լոյս ունէին։

24 Փարաւոն կանչեց Մովսէսը ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք Եհովան. միայն ձեր հօտերն ու արջառները մնան. ձեր ընտանիքներն ալ ձեզի հետ թող երթան»։ 25 Մովսէս ըսաւ. «Պէտք է որ դուն մեր ձեռքը զոհեր ու ողջակէզներ ալ տաս, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն մատուցանենք։ 26 Մեր հօտերն ալ մեզի հետ պիտի երթան, անոնցմէ կճղակ մը չմնալով. վասն զի մեր Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնցմէ պարտինք առնել։ Մինչեւ որ հոն չերթանք, չենք գիտեր թէ ինչո՞վ պիտի պաշտենք Տէրը»։ 27 Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը եւ ան մերժեց արձակել զանոնք։ 28 Եւ Փարաւոն ըսաւ Մովսէսին. «Քովէս գնա՛, զգուշութիւն ըրէ անձիդ, անգամ մըն ալ իմ երեսս չտեսնես. քանզի այն օրը որ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս»։ 29 Մովսէս ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, անգամ մըն ալ քու երեսդ պիտի չտեսնեմ»։

Անդրանիկներու մահը

11 1 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին վրայ ու Եգիպտոսին վրայ հարուած մըն ալ պիտի բերեմ, անկէ յետոյ ձեզ ասկէ պիտի արձակէ եւ երբ ձեզ արձակէ, ձեզ ասկէ բոլորովին դուրս պիտի ընէ։ Հիմա խօսէ ժողովուրդին ականջներուն ու ամէն մարդ իր դրացիէն եւ ամէն կին իր դրացիէն արծաթեղէն ու ոսկեղէն զարդեր թող խնդրէ»։ Տէրը շնորհք տուաւ ժողովուրդին Եգիպտացիներուն առջեւ։ Մովսէս ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ Փարաւոնին ծառաներուն առջեւ ու ժողովուրդին առջեւ խիստ մեծ մարդ մըն էր։

Մովսէս ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կէս գիշերին Եգիպտոսի մէջ պիտի ելլեմ Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ պիտի մեռնի, իր աթոռին վրայ նստող Փարաւոնին անդրանիկէն մինչեւ աղօրիքին ետեւը եղող աղախինին անդրանիկը եւ բոլոր անասուններուն անդրանիկը։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մեծ աղաղակ պիտի ըլլայ, այնպէս որ անոր պէս ո՛չ եղած է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ըլլայ։ Իսրայէլի որդիներէն մէկո՛ւն դէմ, մարդէն մինչեւ անասուն, շուն մըն ալ պիտի չշարժէ իր լեզուն. որպէս զի գիտնաք թէ Տէրը Եգիպտացիներուն ու Իսրայէլի միջեւ տարբերութիւն կը դնէ։’ Եւ բոլոր քու ծառաներդ ինծի պիտի գան ու ինծի խոնարհութիւն ընեն՝ ըսելով. ‘Դուն ու բոլոր քեզի հետեւող ժողովուրդը ելէք’։ Անկէ ետքը պիտի ելլեմ»։ Մովսէս սաստիկ բարկութեամբ Փարաւոնին քովէն դուրս ելաւ։

Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ, որպէս զի իմ հրաշքներս շատցնեմ Եգիպտոսի մէջ»։ 10 Մովսէս ու Ահարոն այս ամէն հրաշքները Փարաւոնին առջեւ ըրին։ Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը ու Իսրայէլի որդիները իր երկրէն չարձակեց։

ԶԱՏԻԿԸ

12 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին Եգիպտոսի մէջ՝ ըսելով. «Այս ամիսը ձեզի ամիսներուն սկիզբն ըլլայ։ Ձեզի տարուան ամիսներուն առաջինն ըլլայ։ Իսրայէլի ժողովուրդին ըսէք. ‘Այս ամսուան տասին ամէն մէկը իրեն գառնուկ մը թող առնէ իրենց հայրերուն տանը համեմատ, այսինքն տուն գլուխ մէկ գառնուկ։ Եթէ մէկ տունը մէկ գառնուկի համար քիչ գայ, այն մարդը իր տանը դրացիին հետ հոգիներուն համրանքին համեմատ առնէ. գառնուկին վրայով ամէն մէկուն իր կերածին չափ հաշիւ ըրէք։ Ձեր գառնուկը անարատ, արու, մէկ տարեկան ըլլայ։ Ոչխարներէն կամ այծերէն առնէք զայն։ Մինչեւ այս ամսուան տասնչորրորդ օրը պահէք զայն, ապա Իսրայէլի ժողովին բոլոր ժողովուրդը մորթեն զանիկա իրիկուան դէմ։ Անոր արիւնէն առնեն ու տուներուն երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսեն, ուր զանիկա պիտի ուտեն։ Միսը նոյն գիշերը ուտեն։ Զանիկա կրակի վրայ խորոված՝ բաղարջով ու լեղի խոտերով թող ուտեն։ Անկէ՝ հում կամ ջուրի մէջ եփած չուտէք, բայց կրակի վրայ խորոված, անոր գլուխը ոտքերովը ու փորոտիքովը ուտէք։ 10 Անկէ բան մը չթողուք մինչեւ առտու։ Ինչ որ առտուն մնայ, կրակով այրեցէք։ 11 Այսպէս պիտի ուտէք զայն. ձեր գօտիները մէջքերնիդ ու ձեր կօշիկները ոտքերնիդ եւ ձեր ցուպերը ձեռքերնիդ ըլլալով՝ զանիկա արտորնօք ուտէք։ 12 Տէրոջը զատիկն է այն։ Այն գիշերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնիմ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները, մարդ կամ անասուն, պիտի զարնեմ։ Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ դատաստան պիտի կատարեմ։ Ես եմ Տէրը։ 13 Արիւնը ձեր տուներուն վրայ նշանի համար ըլլայ, որպէս զի երբ արիւնը տեսնեմ, ձեր վրայէն անցնիմ եւ հարուածը ձեր վրայ չգայ ձեզ կորսնցնելու, երբ Եգիպտոսի երկիրը զարնեմ։ 14 Այն օրը ձեզի յիշատակի համար ըլլայ եւ զանիկա Տէրոջը տօն պահէք. ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը տօն պահէք զայն։

ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐԱՑ ՏՕՆԸ

15 Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտէք. առաջին օրը պէտք է ձեր տուներէն դուրս ձգէք խմորը, վասն զի առաջին օրէն մինչեւ եօթներորդ օրը ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլէն պիտի կորսուի։ 16 Առաջին օրը սուրբ ժողով մը ըլլայ, եօթներորդ օրն ալ ձեզի սուրբ ժողով մը ըլլայ։ Այն օրերը պէտք չէ ոեւէ գործ գործէք, միայն ամէն մէկը իր ուտելիքը կրնայ պատրաստել։ 17 Բաղարջներու տօնը պահեցէ՛ք, քանզի նոյն օրը ձեր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի հանեմ, ուստի ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը այն օրը պահեցէք։ 18 Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրուան իրիկունէն մինչեւ ամսուան քսանըմէկերորդ օրուան իրիկունը բաղարջ պիտի ուտէք։ 19 Եօթը օր տուներնիդ խմոր պիտի չգտնուի. քանզի ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլէն պիտի կորսուի, օտարական ըլլայ թէ բնիկ։ 20 Խմորեալ բան մը պիտի չուտէք։ Ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ բաղարջ պիտի ուտէք’»։

ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՏԻԿԸ

21 Մովսէս կանչեց Իսրայէլին բոլոր ծերերը ու ըսաւ անոնց. «Ձեր ընտանիքներուն համեմատ ընտրեցէ՛ք, առէ՛ք ձեզի մէկ–մէկ գառ ու զատկին համար մորթեցէ՛ք։ 22 Զոպայի փունջ մը առէք ու կոնքին մէջ եղած արիւնը թաթխեցէ՛ք եւ դրանը վրայի սեմին ու երկու քովի դրանդիքներուն վրայ՝ կոնքին մէջ եղած արիւնէն քսեցէք։ Մինչեւ առտու ձեզմէ մէ՛կը իր տանը դռնէն դուրս թող չելլէ. 23 Քանզի Տէրը պիտի անցնի Եգիպտացիները զարնելու համար։ Եթէ դրանը վրայի սեմին ու երկու կողմէ դրանդիքներուն վրայ արիւն տեսնէ, Տէրը այն դրանը վրայէն պիտի անցնի եւ պիտի չթողու սատակիչը՝ որ ձեր տուները մտնէ ձեզ զարնելու համար։ 24 Այս բանը ձեզի ու ձեր որդիներուն կանոն ըլլալու համար պահեցէք յաւիտեան։ 25 Երբ այն երկիրը երթաք, որ Տէրը ձեզի պիտի տայ իր խոստումին համաձայն, այս տօնը պահեցէք 26 Եթէ ձեր որդիները ձեզի ըսեն թէ ‘Այս տօնով ի՞նչ կ’ուզէք’, 27 Ըսէք թէ ‘Ասիկա Տէրոջը զատկին զոհն է, քանզի Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն տուներուն վրայէն անցաւ, երբ Եգիպտացիները զարկաւ, մեր տուները ազատեց’։ Ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ»։ 28 Իսրայէլի որդիները գացին ու Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին։

ԱՆԴՐԱՆԻԿՆԵՐՈՒ ՄԱՀԸ

29 Կէս գիշերին Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ զարկաւ, իր աթոռը նստող Փարաւոնին անդրանիկէն մինչեւ բանտին մէջ եղած գերիին անդրանիկը եւ ամէն անասունի անդրանիկը։ 30 Գիշերը Փարաւոն ելաւ ու անոր բոլոր ծառաները եւ բոլոր Եգիպտացիները ու Եգիպտոսի մէջ մեծ աղաղակ մը բարձրացաւ. քանզի տուն չկար, ուր մեռեալ չըլլար։

31 Գիշերով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Ելէ՛ք իմ ժողովուրդիս մէջէն՝ դո՛ւք ալ եւ Իսրայէլի որդիներն ալ ու գացէ՛ք պաշտեցէ՛ք Եհովան՝ ինչպէս ըսիք։ 32 Նաեւ ձեր հօտերն ու ձեր արջառները առէ՛ք ու գացէ՛ք եւ զիս ալ օրհնեցէ՛ք»։ 33 Եգիպտացիները բռնադատեցին ժողովուրդը, որ շուտով այն երկրէն դուրս ղրկեն զանոնք. քանզի ըսին. «Ամէնքս ալ կը մեռնինք»։ 34 Ժողովուրդը իրենց խմորի տաշտերը իրենց լաթերովը փաթթած ուսերնուն վրայ վերցուցին։ 35 Իսրայէլի որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին ու Եգիպտացիներէն արծաթեղէն զարդեր եւ ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ խնդրեցին։ 36 Տէրը ժողովուրդին շնորհք տուաւ Եգիպտացիներուն առջեւ, այնպէս որ Եգիպտացիները անոնց խնդրածը տուին։ Անոնք կողոպտեցին Եգիպտացիները։

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՔ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ

37 Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէն դէպի Սոկքովթ չուեցին։ Ընտանիքներէն զատ վեց հարիւր հազարի չափ հետեւակ այր մարդիկ էին։ 38 Անոնց հետ խառն բազմութիւն ալ ելաւ։ Ոչխարները ու արջառները խիստ շատ էին։ 39 Եգիպտոսէն իրենց հանած զանգուածէն անխմոր շօթեր եփեցին, վասն զի խմորեալ չէր. քանզի Եգիպտոսէն վռնտուեցան ու չէին կրնար տնտնալ։ Իրենց պաշար ալ չէին պատրաստած։

40 Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն բնակած ժամանակը չորս հարիւր երեսուն տարի էր։ 41 Չորս հարիւր երեսուն տարիներուն վերջին օրը Տէրոջը բոլոր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն ելան։ 42 Ասիկա Տէրոջը համար պահելու գիշեր մըն է, վասն զի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեց։ Այդ այն գիշերն է Տէրոջը համար Իսրայէլի բոլոր որդիներէն իրենց ազգերուն մէջ պահուելու։

ԶԱՏԻԿԻ ԿԱԳՐԱԴՈՒԹԻՒՆ

43 Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Այս է զատկին կանոնը։ Բնաւ օտարական մը անկէ պիտի չուտէ, 44 Բայց ամէն մարդու ստակով ծախու առած ծառան, թլփատուելէ ետք կրնայ ուտել։ 45 Օտարականն ու վարձկանը անկէ պիտի չուտեն։ 46 Մէկ տան մէջ պիտի ուտուի ան։ Տունէն դուրս պիտի չհանուի այդ միսը ու անոր ոեւէ ոսկորը պիտի չկոտրէք։ 47 Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը այս թող ընէ։ 48 Եթէ օտարական մը քու քովդ պանդխտանալու ըլլայ ու Տէրոջը զատիկ ընել ուզէ, թող թլփատուի։ Այն ատեն կրնայ մօտենալ ու ինք երկրի բնիկի պէս թող ըլլայ. քանզի անթլփատ մէկը բնաւ անկէ պիտի չուտէ։ 49 Բնիկին ու ձեր մէջ բնակող օտարականին մէկ օրէնք ըլլալու է»։ 50 Իսրայէլին բոլոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին։ 51 Նոյն օրը Տէրը Եգիպտոսի երկրէն հանեց Իսրայէլի որդիները իրենց զօրքերովը։

ԱՆԴՐԱՆԻԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄ

13 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Սրբէ՛ ինծի ամէն անդրանիկ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն արգանդ բացողը, մարդ կամ անասուն։ Ան իմս է»։

ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐԱՑ ՏՕՆԸ

Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Յիշեցէ՛ք այն օրը, երբ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ ելաք, վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով ձեզ անկէ հանեց։ Խմորեալ հաց պիտի չուտէք։ Դուք այսօր ելաք, Ապիպ ամսուան մէջ։ Երբ Տէրը տանելու ըլլայ քեզ Քանանացիներու ու Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Խեւացիներու եւ Յեբուսացիներու երկիրը, որոնք քեզի տալու համար քու հայրերուդ երդում ըրաւ՝ այն երկիրը ուր կաթ ու մեղր բղխի, այս ամսուան մէջ պիտի կատարես այս պաշտօնը։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես եւ եօթներորդ օրը տօն պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Այն եօթը օրերուն մէջ բաղարջ պիտի ուտուի ու քովդ խմորեալ հաց պիտի չտեսնուի, ո՛չ ալ քու քովդ խմոր պիտի տեսնուի քու բոլոր սահմաններուդ մէջ։ Այն օրը քու որդիիդ պիտի պատմես՝ ‘Այս անոր համար է, որ Տէրը ըսաւ ինծի, երբ ես Եգիպտոսէն ելայ։ Ասիկա քեզի նշանի համար պիտի ըլլայ ձեռքիդ վրայ ու քու աչքերուդ մէջտեղ յիշատակի համար, որպէս զի Տէրոջը օրէնքը քու բերնիդ մէջ ըլլայ. վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով քեզ հանեց Եգիպտոսէն։ 10 Ուստի դուն այս կանոնը տարիէ տարի իր ատենին պիտի պահես’։

ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ

11 Երբ Տէրը քեզ Քանանացիներու երկիրը տանի, ինչպէս քեզի ու քու հայրերուդ երդում ըրաւ, որ զանիկա քեզի տայ, 12 Այն ամէնը որ արգանդ կը բանայ, Տէրոջը համար պիտի զատես եւ քու ունեցած անասունիդ ամէն անդրանիկ արուները Տէրոջը պիտի ըլլան։ 13 Եւ իշուն ամէն անդրանիկը ոչխարով մը փրկես եւ եթէ չփրկես, անոր վիզը կտրես։ Քու որդիներուդ մէջ մարդոց ամէն անդրանիկին փրկագին պիտի տաս։ 14 Երբ քու որդիդ օր մը քեզի հարցնէ՝ ‘Ի՞նչ է այս’, անոր պիտի ըսես թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ զօրաւոր ձեռքով հանեց։ 15 Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակել չուզեց, Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ, մարդու կամ անասունի, մեռցուց, անոր համար ես ամէն արգանդ բացող արուն Տէրոջը զոհ կ’ընեմ ու իմ որդիներուս ամէն անդրանիկի փրկագին կու տամ’։ 16 Ասիկա քու ձեռքիդ վրայ նշանի համար ու աչքերուդ մէջտեղ ճակատանոցի համար ըլլայ, վասն զի Տէրը մեզ Եգիպտոսէն զօրաւոր ձեռքով հանեց»։

ԱՄՊԻ ՍԻՒՆԸ ԵՒ ԿՐԱԿԻ ՍԻՒՆԸ

17 Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակեց, Աստուած զանոնք Փղշտացիներուն երկրին ճամբայէն չտարաւ, թէեւ այն ճամբան մօտ էր, քանզի Աստուած ըսաւ. «Չըլլայ թէ ժողովուրդը զղջայ, երբ պատերազմը տեսնէ ու Եգիպտոս դառնայ»։ 18 Հապա Աստուած ժողովուրդը Կարմիր ծովուն անապատին ճամբայէն պտըտցուց ու Իսրայէլի որդիները գունդ գունդ Եգիպտոսի երկրէն ելան։ 19 Մովսէս Յովսէփին ոսկորները իրեն հետ առաւ. վասն զի անիկա Իսրայէլի որդիներուն հաստատ երդում ընել տուած էր՝ ըսելով. «Անշուշտ Աստուած ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ, այն ատեն իմ ոսկորներս ասկէ ձեզի հետ հանեցէք»։

20 Սոկքովթէն չուեցին ու Ոթոմի մէջ անապատին ծայրը իջեւան ըրին։ 21 Տէրը անոնց առջեւէն կ’երթար ցորեկը ամպի սիւնով՝ անոնց ճամբայ ցուցնելու համար ու գիշերը կրակի սիւնով՝ անոնց լոյս տալու համար, որպէս զի ցորեկ ու գիշեր երթան։ 22 Ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը կրակի սիւնը ժողովուրդին առջեւէն չպակսեցուց։

ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ ԱՆՑՔԸ

14 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ դառնան ու Փիաիրօթի առջեւ, Մագդողին ու ծովուն մէջտեղ բանակ դնեն, Բէեղսեփոնին առջեւ՝ անոր դէմ ծովուն քով բանակ դրէք։ Փարաւոն Իսրայէլի որդիներուն համար պիտի ըսէ թէ ‘Երկրին մէջ մոլորած են, անապատը անոնց բոլորտիքը պատեց’։ Փարաւոնին սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի իյնայ ու ես Փարաւոնին վրայ եւ անոր բոլոր զօրքերուն վրայ պիտի փառաւորուիմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։ Անոնք այնպէս ըրին։

Եգիպտոսի թագաւորին պատմուեցաւ թէ՝ ժողովուրդը փախաւ։ Եւ Փարաւոնին ու անոր ծառաներուն սիրտը ժողովուրդին դէմ դարձաւ ու ըսին. «Մենք ինչո՞ւ ըրինք այս բանը ու թողուցինք որ Իսրայէլը ծառայութենէն հեռանայ»։ Փարաւոն իր կառքը պատրաստեց, ժողովուրդը իրեն հետ առաւ։ Վեց հարիւր ընտիր կառքեր ու Եգիպտոսի բոլոր կառքերը եւ անոնց ամէն մէկուն մէջ ոստիկաններ առաւ։ Տէրը Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին սիրտը կարծրացուց ու անիկա Իսրայէլի որդիներուն ետեւէն ինկաւ։ Իսրայէլի որդիները ձեռքերնին բարձրացնելով ելան։ Եգիպտացիները անոնց ետեւէն ինկան։ Փարաւոնին բոլոր ձիերն ու կառքերը եւ անոր ձիաւորներն ու զօրքերը եւ հասան անոնց՝ երբ բանակած էին ծովուն մօտ՝ Փիաիրօթի քով, Բէեղսեփոնի առջեւ։

10 Երբ Փարաւոն մօտեցաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց աչքերը վերցուցին եւ տեսան Եգիպտացիները, որոնք իրենց ետեւէն կու գային։ Խիստ վախցան եւ Իսրայէլի որդիները աղաղակեցին Տէրոջը 11 Եւ ըսին Մովսէսին. «Եգիպտոսի մէջ գերեզմաններ չըլլալո՞ւն համար մեզ անապատին մէջ մեռնելու բերիր. ի՞նչ է այս մեզի ըրածդ, որ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։ 12 Այս չէ՞ր այն խօսքը, որ քեզի ըսինք Եգիպտոսի մէջ՝ ‘Թող տուր մեզի, որ Եգիպտացիներու ծառայութիւն ընենք. քանզի աւելի աղէկ է մեզի հոս ծառայութիւն ընել, քան թէ անապատին մէջ մեռնիլ’»։ 13 Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնա՛ք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասն զի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք։ 14 Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի։ Դուք լո՛ւռ կեցէք»։

15 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ինչո՞ւ ինծի կ’աղաղակես. Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ չուեն 16 Եւ դուն գաւազանդ վերցուր ու ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր ու ճեղքէ զայն որպէս զի Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով երթան։ 17 Ես ահա Եգիպտացիներուն սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի գան։ Ես Փարաւոնին ու անոր բոլոր զօրքերուն վրայ, անոր կառքերուն ու անոր ձիաւորներուն վրայ պիտի փառաւորուիմ։ 18 Երբ ես Փարաւոնին ու անոր կառքերուն եւ անոր ձիաւորներուն վրայ փառաւորուիմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

19 Աստուծոյ հրեշտակը, որ Իսրայէլի բանակին առջեւէն կ’երթար, անցաւ անոնց ետեւը։ Ամպի սիւնն ալ անոնց առջեւէն անցաւ ու անոնց ետին կայնեցաւ։ 20 Եգիպտացիներու բանակին ու Իսրայէլի բանակին մէջտեղ եկաւ ու Եգիպտացիներու ամպ ու խաւար եղաւ, բայց գիշերը Իսրայելացիներուն լոյս կու տար։ Բոլոր գիշերը իրարու չմօտեցան։

21 Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց ու Տէրը արեւելեան սաստիկ հովով ետ դարձուց ծովը եւ բոլոր գիշերը ջուրերը ճեղքուեցան, ծովը ցամքեցաւ 22 Եւ Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով անցան։ Ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ եղան։

23 Եգիպտացիները անոնց ետեւէն ինկան ու Փարաւոնին բոլոր ձիերը, կառքերն ու ձիաւորները անոնց ետեւէն ծովուն մէջը գացին։ 24 Առտուն Տէրը Եգիպտացիներուն բանակին նայեցաւ կրակի ու ամպի սիւնէն ու Եգիպտացիներուն բանակը խռովութեան մէջ ձգեց։ 25 Անոնց կառքերուն անիւները հանեց, որոնք դժուարութեամբ առաջ կ’երթային. այնպէս որ Եգիպտացիները ըսին. «Փախչինք Իսրայէլի երեսէն, վասն զի ահա Եհովա անոնց համար մեզի հետ կը պատերազմի»։

26 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր, որպէս զի ջուրերը Եգիպտացիներուն, անոնց կառքերուն ու անոնց ձիաւորներուն վրայ դառնան»։ 27 Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց եւ առտուան դէմ ծովը իր տեղը դարձաւ ու Եգիպտացիները անոր առջեւէն փախան։ Տէրը խռովեցուց Եգիպտացիները ծովուն մէջ։ 28 Եւ ջուրերը ծածկեցին Փարաւոնին կառքերն ու ձիաւորները եւ բոլոր զօրքերը՝ որոնք անոնց ետեւէն ծովուն մէջ մտած էին։ Անոնցմէ մէկն ալ ողջ չմնաց։ 29 Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով կ’երթային եւ ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ էին։ 30 Տէրը այն օրը Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատեց Իսրայէլը։ Իսրայէլ մեռած տեսաւ Եգիպտացիները ծովուն եզերքը։ 31 Իսրայէլ տեսաւ այն մեծ գործը, որ Տէրը ըրաւ Եգիպտացիներուն վրայ։ Ժողովուրդը վախցաւ Տէրոջմէն ու հաւատաց Տէրոջը եւ անոր ծառային Մովսէսին։

ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԵՐԳԸ

15 1 Այն ատեն Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները այս երգը երգեցին Տէրոջը.

«Պիտի երգեմ Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է.

Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց։

 Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնս

Եւ իմ փրկութիւնս եղաւ.

Անիկա է իմ Աստուածս ու պիտի փառաւորեմ զանիկա.

Իմ հօրս Աստուածն է ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա։

 Տէրը հզօր պատերազմող է.

Անոր անունը ԵՀՈՎԱ է։

 Փարաւոնին կառքերն ու անոր զօրքերը ծովը նետեց

Եւ անոր ընտիր ոստիկանները Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմեցան։

 Անդունդները ծածկեցին զանոնք.

Քարի պէս խորունկը իջան։

 Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, փառաւորեալ է զօրութեամբ.

Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, խորտակեց թշնամին։

 Քու փառքիդ մեծութիւնովը քեզի դէմ կեցողները կործանեցիր,

Քու բարկութիւնդ ղրկեցիր, որ զանոնք յարդի պէս կերաւ։

 Քու շունչիդ փչելովը ջուրերը հաւաքուեցան.

Հեղեղները դէզի պէս կայնեցան.

Ծովուն մէջտեղը անդունդները պաղեցան։

 Թշնամին ըսաւ. ‘Պիտի հալածեմ, պիտի հասնիմ,

Աւարը պիտի բաժնեմ.

Իմ անձս անոնցմէ պիտի կշտանայ.

Իմ սուրս պիտի քաշեմ,

Իմ ձեռքս զանոնք պիտի աւրէ’։

10 Քու հովդ փչեցիր, ծովը զանոնք ծածկեց.

Զօրաւոր ջուրերուն մէջ կապարի պէս ընկղմեցան։

11 Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։

Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի,

Հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման։

12 Քու աջ ձեռքդ երկնցուցիր,

Երկիրը զանոնք կլլեց։

13 Քու ողորմութիւնովդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդին որ դուն փրկեցիր.

Քու զօրութիւնովդ տարիր զանոնք քու սուրբ բնակութիւնդ։

14 Ժողովուրդները պիտի լսեն ու սարսափին.

Փղշտացիներուն երկրին բնակիչները ցաւ պիտի բռնէ։

15 Այն ատեն Եդովմին իշխանները պիտի տագնապին,

Մովաբին զօրաւորները պիտի դողան.

Քանանի բոլոր բնակիչները պիտի հալին։

16 Անոնց վրայ վախ ու դող պիտի իյնայ.

Քու բազուկիդ մեծութենէն քար պիտի կտրին,

Մինչեւ անցնի քու ժողովուրդդ, ո՛վ Տէր,

Մինչեւ անցնի այս ժողովուրդը, որ դուն ստացար։

17 Պիտի բերես զանոնք ու քու ժառանգութեանդ լեռը պիտի տնկես զանոնք,

Ո՛վ Տէր, այն տեղը, որ քու բնակութեանդ համար շինեցիր.

Ո՛վ Տէր, այն սրբարանին մէջ, որ քու ձեռքերդ շինեցին։

18 Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։

19 Քանզի Փարաւոնին ձիերը իր կառքերովն ու ձիաւորներովը ծովը մտան եւ Տէրը ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց. բայց Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով գացին։

ՄԱՐԻԱՄԻՆ ԵՐԳԸ

20 Ահարոնին քոյրը՝ Մարիամ մարգարէուհին՝ թմբուկը իր ձեռքը առաւ ու բոլոր կիները թմբուկներով ու պարերով անոր ետեւէն ելան։ 21 Եւ Մարիամ ըսաւ անոնց.

«Երգեցէ՛ք Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է.

Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց»։

ԴԱՌՆ ՋՈՒՐ

22 Մովսէս Կարմիր ծովէն ճամբայ հանեց Իսրայէլը ու Սուրի անապատը ելան, երեք օրուան ճամբայ գացին անապատին մէջ, բայց ջուր չգտան։ 23 Երբ Մեռա հասան, չէին կրնար խմել Մեռայի ջուրերէն, վասն զի դառն էին. անոր համար անոր անունը Մեռա կոչուեցաւ։ 24 Ժողովուրդը տրտնջեց Մովսէսին դէմ՝ ըսելով. «Ի՞նչ խմենք»։ 25 Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ու Տէրը անոր փայտ մը ցուցուց, որ ջուրերուն մէջ դրածին պէս՝ ջուրերը անուշցան։ Հոն անոնց կարգ կանոն դրաւ եւ հոն փորձեց զանոնք 26 Եւ ըսաւ. «Եթէ Տէրոջը քու Աստուծոյդ ձայնին ուշադրութեամբ մտիկ ընես ու ինչ որ անոր առջեւ շիտակ է՝ ընես եւ անոր պատուիրանքներուն ականջ դնես ու անոր բոլոր կանոնները պահես, այն ախտերէն մէ՛կը քու վրադ պիտի չբերեմ, որոնք Եգիպտացիներուն վրայ բերի. քանզի ես եմ Տէրը, որ քեզ կը բժշկեմ»։

27 Հասան Եղիմ, ուր տասներկու ջուրի աղբիւրներ ու եօթանասուն արմաւենիներ կային։ Հոն՝ ջուրերուն քով՝ բանակ դրին։

ՄԱՆԱՆԱՆ ԵՒ ԼՈՐԱՄԱՐԳԻՆԵՐԸ

16 1 Անոնք չուեցին Եղիմէն, Իսրայէլի բոլոր որդիները եկան Սին անապատը, որ Եղիմի ու Սինայի մէջտեղն է, իրենց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը։ Իսրայէլի որդիները անապատին մէջ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին։ Իսրայէլին որդիները ըսին անոնց. «Երանի՜ թէ Տէրոջը ձեռքով մեռած ըլլայինք Եգիպտոսի մէջ, երբ մսի կաթսաներուն քովը նստած էինք ու կուշտ հաց կ’ուտէինք. քանզի մեզ այս անապատը հանեցիք, որ բոլոր այս ժողովուրդը անօթութենէ մեռցնէք»։

Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես ձեզի երկնքէն հաց պիտի տեղամ եւ ժողովուրդը պիտի ելլէ ու օրէ օր հաւաքէ ամէն մէկ օրուան պէտք եղածը, որպէս զի փորձեմ զանոնք թէ իմ օրէնքիս համեմատ պիտի քալե՞ն թէ ոչ։ Վեցերորդ օրը բերածնին թող պատրաստեն։ Անիկա ամէն օրուանին կրկինը պէտք է ըլլայ»։

Մովսէս ու Ահարոն ըսին Իսրայէլի բոլոր որդիներուն. «Այս իրիկուն պիտի գիտնաք թէ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանողը Եհովան է։ Առաւօտուն պիտի տեսնէք Տէրոջը փառքը, վասն զի Տէրոջը դէմ ձեր ըրած տրտունջը ինք լսեց եւ մենք ո՞վ ենք, որ մեզի դէմ կը տրտնջէք»։ Մովսէս ըսաւ. «Երբ Տէրը ձեզի իրիկունը ուտելու միս ու առաւօտուն կշտանալու չափ հաց տայ, պիտի գիտնաք թէ Տէրը լսած է իրեն դէմ ըրած տրտունջնիդ։ Մենք ո՞վ ենք. ձեր տրտունջը մեզի դէմ չէ, հապա Տէրոջը դէմ»։ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ըսէ՝ ‘Տէրոջը առջեւ մօտեցէ՛ք. վասն զի ձեր տրտունջը լսեցի’»։

10 Երբ Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին կը խօսէր, անոնք դէպի անապատը նայեցան եւ ահա Տէրոջը փառքը ամպին մէջ երեւցաւ։ 11 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը լսեցի. խօսէ անոնց՝ ըսելով. 12 ‘Իրիկուան դէմ միս պիտի ուտէք ու առտուն՝ հացով պիտի կշտանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Եհովան՝ ձեր Աստուածը’»։

13 Իրիկունը լորամարգիներ եկան ու բանակը ծածկեցին եւ առտուն բանակին բոլորտիքը ցօղ իջաւ։ 14 Երբ իջած ցօղը վերցաւ, ահա անապատին երեսին վրայ մանր թեփաձեւ բան մը կար, եղեամի պէս մանր, գետնին վրայ։ 15 Երբ Իսրայէլի որդիները տեսան, իրարու ըսին. «Ի՞նչ է այս»։ Քանզի ի՛նչ ըլլալը չէին գիտեր։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Այս է այն հացը, որ Տէրը ձեզի ուտելու տուաւ։ 16 Տէրոջը պատուէրն է. հաւաքեցէ՛ք անկէ ամէն մէկդ իր կերածին չափ. ամէն մէկդ իր վրանին մէջ եղողներուն համար ձեր հոգիներուն համրանքին նայելով, մարդ գլուխ մէկ–մէկ օմէր առէք»։ 17 Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին։ Ոմանք շատ եւ ոմանք քիչ հաւաքեցին։ 18 Երբ օմէրով կը չափէին, շատ ունեցողինը չաւելցաւ ու քիչ ունեցողինը չպակսեցաւ։ Ամէն մէկը իր կերածին չափ հաւաքեց։ 19 Մովսէս ըսաւ անոնց. «Մէ՛կը մինչեւ առտու չպահէ»։ 20 Բայց մտիկ չըրին Մովսէսին, հապա ոմանք թողուցին անկէ մինչեւ առտու, բայց որդնոտեցաւ ու հոտեցաւ։ Մովսէս բարկացաւ անոնց։ 21 Ամէն առտու կը հաւաքէին անկէ, ամէն մէկը իր կերածին չափ ու արեւը տաքցածին պէս կը հալէր։

22 Վեցերորդ օրը կրկնապատիկ ուտելիք, այսինքն ամէն մէկուն համար երկու օմէր, հաւաքեցին եւ ժողովուրդին բոլոր իշխանները եկան ու պատմեցին Մովսէսին։ 23 Անիկա ըսաւ անոնց. «Այս է Տէրոջը ըսածը. ‘Վաղը հանգստութեան սուրբ շաբաթն է Տէրոջը, ուրեմն ինչ որ պիտի եփէք՝ եփեցէ՛ք եւ ինչ որ պիտի եռացնէք՝ եռացուցէ՛ք ու ինչ որ կ’աւելնայ՝ ձեզի համար յաջորդ օրուան պահեցէք’»։ 24 Աւելցածը առտուան համար թողուցին, Մովսէսին հրամայածին պէս եւ ո՛չ հոտեցաւ, ո՛չ ալ անոր մէջ որդ ինկաւ։ 25 Եւ Մովսէս ըսաւ. «Այսօր կերէ՛ք զայն, վասն զի այսօր շաբաթ է Տէրոջը. այսօր դաշտին մէջ անկէ պիտի չգտնէք։ 26 Վեց օր պիտի հաւաքէք զանիկա. բայց եօթներորդ օրը, որ շաբաթ է, պիտի չգտնուի»։ 27 Սակայն եօթներորդ օրը ժողովուրդէն ոմանք հաւաքելու ելան, բայց չգտան։ 28 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Մինչեւ ե՞րբ չէք ուզեր պահել իմ պատուիրանքներս ու օրէնքներս։ 29 Նայեցէ՛ք, Տէրը տուաւ ձեզի շաբաթը, անոր համար վեցերորդ օրը ինք ձեզի երկու օրուան հաց կու տայ. ամէն մէկդ իր տեղը թող նստի. մէ՛կը իր տեղէն թող չելլէ՛ եօթներորդ օրը»։ 30 Ժողովուրդը հանգստացաւ եօթներորդ օրը։ 31 Իսրայէլի որդիները անոր անունը Ման դրին ու այն գինձի սերմի պէս ճերմակ ու անոր համը մեղրով շինուած գաթայի պէս էր։

32 Մովսէս ըսաւ. «Տէրոջը հրամանն է. ‘Անկէ օմէր մը լեցուցէք՝ որպէս զի ձեր ազգերուն մէջ պահուի. որպէս զի անոնք տեսնեն այն հացը, որ ձեզի կերցուցի անապատին մէջ, երբ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի’»։ 33 Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Սափոր մը ա՛ռ ու անոր մէջ օմէր մը լեցուն մանանայ դիր եւ զանիկա ձեր ազգերուն մէջ պահուելու համար Տէրոջը առջեւ դիր»։ 34 Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս Ահարոն վկայութեան առջեւ դրաւ զանիկա, որպէս զի պահուի։ 35 Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի կերան մանանան, մինչեւ որ շէն երկիր հասան։ Մանանան կերան, մինչեւ որ Քանանի երկրին սահմանը հասան։ 36 Օմէրը արդուին մէկ տասներորդ մասն է։

ԱՊԱՌԱԺԷՆ՝ ՋՈՒՐ

(Թուոց 20։1-13)

17 1 Իսրայէլի բոլոր որդիները Տէրոջը խօսքին պէս՝ իրենց գնացքին համեմատ Սին անապատէն չուեցին եւ Ռափիդիմի մէջ բանակ դրին։ Հոն ժողովուրդին խմելու ջուր չկար։ Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի ջուր տուր, որ խմենք»։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ ինծի հետ կը վիճիք. ինչո՞ւ Տէրը կը փորձէք»։ Ժողովուրդը ջուրի համար ծարաւեցաւ ու Մովսէսին դէմ տրտունջ ըրաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։ Մեզ ու մեր որդիները եւ մեր հօտերը ծարաւէն պիտի մեռցնե՞ս»։

Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ըսելով. «Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. գրեթէ պատրաստ են զիս քարկոծելու»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ժողովուրդին առջեւ անցի՛ր ու Իսրայէլի ծերերը քեզի հետ ա՛ռ եւ քու գաւազանդ, որով գետը զարկիր, ձեռքդ առ ու գնա՛։ Ահա Քորեբի մէջ ժայռին վրայ՝ հոն քու առջեւդ կը կայնիմ։ Ժայռին զա՛րկ ու անկէ ջուր պիտի ելլէ եւ ժողովուրդը պիտի խմէ»։ Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն առջեւ։ Այն տեղին անունը Մասսա ու Մերիպա դրաւ. վասն զի Իսրայէլի որդիները հոն վիճեցան եւ Տէրը փորձեցին՝ ըսելով. «Արդեօք Տէրը մեր մէ՞ջ է»։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՄԱՂԷԿԻ ՀԵՏ

Այն ատեն Ամաղէկ եկաւ ու Ռափիդիմի մէջ Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ։ Մովսէս ըսաւ Յեսուին. «Մեզի մարդիկ ընտրէ՛ ու Ամաղէկին հետ պատերազմելու ելի՛ր. վաղը ես բլուրին գլուխը պիտի կայնիմ՝ Աստուծոյ գաւազանը ձեռքս ունենալով»։ 10 Յեսու Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ ու Ամաղէկին հետ պատերազմեցաւ։ Մովսէս, Ահարոն ու Ովր բլուրին գլուխը ելան։ 11 Երբ Մովսէս իր ձեռքերը վեր կը վերցնէր, Իսրայէլ կը յաղթէր, երբ իր ձեռքերը վար կ’իջեցնէր, Ամաղէկ կը յաղթէր։ 12 Եւ Մովսէսին ձեռքերը ծանրանալուն՝ քար մը առին ու անոր տակ դրին եւ ինք անոր վրայ նստաւ ու Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը միւս կողմէն անոր ձեռքերը վեր բռնեցին ու մինչեւ արեգակին մարը մտնելը անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին։ 13 Յեսու սուրի բերնէ անցուց Ամաղէկը ու անոր ժողովուրդը։ 14 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ասիկա յիշատակի համար գրքի մէջ գրէ ու Յեսուին իմացուր՝ թէ Ամաղէկին յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին պիտի ջնջեմ»։ 15 Մովսէս սեղան մը շինեց ու անոր անունը Եհովանիսի դրաւ 16 Ու ըսաւ. «Քանզի Տէրը երդում ըրաւ՝ ըսելով թէ՝ ‘Տէրը ազգէ ազգ պիտի պատերազմի Ամաղէկի դէմ’»։

ՅՈԹՈՐ ՄՈՎՍԷՍԻՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ

18 1 Մովսէսին աները՝ Մադիամի քուրմը Յոթոր՝ լսեց այն ամէնը, որ Աստուած ըրաւ Մովսէսին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին եւ թէ Տէրը Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը։ Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ առաւ Մովսէսին կինը Սեպփօրան, զանիկա ետ ղրկելէն ետքը Եւ անոր երկու որդիները՝ որոնց մէկուն անունը Գերսամ էր. վասն զի ինք ըսեր էր. ‘Օտար երկրի մէջ պանդուխտ եմ’ Եւ միւսին անունը Եղիազար էր, վասն զի ըսեր էր. ‘Իմ հօրս Աստուածը իմ օգնականս էր, որ զիս Փարաւոնին սուրէն ազատեց’։ Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ անոր որդիներուն ու անոր կնոջը հետ եկաւ Մովսէսին՝ դէպի անապատը՝ ուր անիկա բանակ դրեր էր Աստուծոյ լերանը քով։ Եւ իմացուց Մովսէսին՝ ըսելով. «Ե՛ս, քու աներդ Յոթոր, քեզի կու գամ, նաեւ քու կինդ իր երկու որդիները իմ հետս»։ Մովսէս իր աները դիմաւորելու գնաց եւ անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու համբուրեց զանիկա եւ իրարու ողջութիւն հարցուցին ու վրանը մտան։ Մովսէս իր աներոջ պատմեց այն ամէնը, որ Տէրը ըրաւ Փարաւոնին ու Եգիպտացիներուն՝ Իսրայէլին համար եւ ճամբուն մէջ բոլոր իրենց քաշած նեղութիւններն ու Տէրոջը զիրենք ազատելը։ Եւ Յոթոր ուրախացաւ բոլոր բարութիւններուն համար, որոնք Տէրը ըրաւ Իսրայէլին, փրկելով զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն։ 10 Եւ Յոթոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ ազատեց ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն ու Փարաւոնին ձեռքէն. վասն զի ազատեց իր ժողովուրդը Եգիպտացիներուն ձեռքին տակէն։ 11 Հիմա գիտեմ թէ Եհովա բոլոր աստուածներէն մեծ է. քանզի ինչ բանի մէջ որ կը հպարտանային, անոնցմէ վեր երեւցաւ»։ 12 Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ ողջակէզ ու զոհեր բերաւ Աստուծոյ եւ Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերը Մովսէսին աներոջ հետ Աստուծոյ առջեւ հաց ուտելու եկան։

ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒԱՆՈՒՄԸ

(Բ. Օր. 1։9-18)

13 Հետեւեալ օրը Մովսէս ժողովուրդը դատելու նստաւ։ Ժողովուրդը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն Մովսէսին քով կայնեցաւ։ 14 Մովսէսին աները երբ տեսաւ ինչ կ’ընէր Մովսէս ժողովուրդին, ըսաւ. «Ի՞նչ է այս բանը, որ դուն կ’ընես ժողովուրդին. ինչո՞ւ դուն մինակ կը նստիս ու բոլոր ժողովուրդը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն քու քովդ կը կայնի»։ 15 Մովսէս ըսաւ իր աներոջ. «Քանզի ժողովուրդը կու գայ ինծի՝ Աստուծմէ դատաստան հարցնելու։ 16 Երբ անոնք բան մը ունենան՝ ինծի կու գան եւ ես անոնց մէջտեղ դատաստան կ’ընեմ ու Աստուծոյ կանոնները եւ օրէնքները անոնց կը գիտցնեմ»։ 17 Մովսէսին աները ըսաւ անոր. «Քու ըրածդ աղէկ բան չէ։ 18 Իրաւցնէ դուն պիտի մաշիս, դուն ալ ու քեզի հետ եղած այս ժողովուրդն ալ. վասն զի այս գործը քեզի համար շատ ծանր է. դուն առանձին չես կրնար ընել ասիկա։ 19 Հիմա մտիկ ըրէ՛ իմ խօսքիս. ես քեզի խրատ տամ ու Աստուած քեզի հետ պիտի ըլլայ։ Ժողովուրդին համար Աստուծոյ առջեւ դուն գնա, որպէս զի դատերը դո՛ւն ներկայացնես Աստուծոյ։ 20 Անոնց սորվեցուր կանոններն ու օրէնքները եւ գիտցուր անոնց իրենց քալելու ճամբան ու իրենց ընելու գործը։ 21 Բայց դուն բոլոր ժողովուրդէն կարող մարդիկ, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր ու ագահութիւնը ատող մարդիկ ընտրէ՛ ու ասոնք հազարապետներ ու հարիւրապետներ, յիսնապետներ ու տասնապետներ դիր անոնց վրայ։ 22 Ամէն ատեն թող անոնք դատեն ժողովուրդը։ Կարեւոր դատերը թող քեզի ներկայացնեն, իսկ անկարեւորները՝ թող իրենք դատեն. այսպէս քեզի օգնելով՝ քու վրայէդ բեռը կը թեթեւցնեն։ 23 Եթէ այս բանը ընես ու Աստուած ալ քեզի այսպէս պատուիրէ, այն ատեն կարող կ’ըլլաս դիմանալու եւ բոլոր այս ժողովուրդն ալ խաղաղութեամբ իրենց տեղը կ’երթան»։

24 Մովսէս աներոջ խօսքին մտիկ ըրաւ ու անոր ամէն ըսածը ըրաւ։ 25 Մովսէս բոլոր Իսրայէլէն կարող մարդիկ ընտրեց ու զանոնք ժողովուրդին վրայ գլուխներ, այսինքն՝ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ եւ տասնապետներ կարգեց։ 26 Ամէն ատեն անոնք կը դատէին ժողովուրդը. դժուար հարցը Մովսէսին կը ներկայացնէին, բայց պզտիկ բաները իրենք կը դատէին։ 27 Մովսէս իր աները ճամբեցուց ու անիկա իր երկիրը գնաց։

ԻՍՐԱՅԷԼ ՍԻՆԱ ԼԵՐԱՆ ՔՈՎ

19 1 Երրորդ ամսուան մէջ՝ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելէն ետքը, նոյն օրը Սինայի անապատը հասան։ Քանզի Ռափիդիմէ չուեցին ու Սինայի անապատը գացին ու անապատին մէջ բանակ դրին։ Իսրայէլ հոն լերանը դէմ բանակ դրաւ։ Մովսէս Աստուծոյ ելաւ ու Տէրը լեռնէն կանչեց զանիկա՝ ըսելով. «Յակոբին տանը այսպէս ըսես եւ Իսրայէլին որդիներուն իմացնես. ‘Դուք տեսաք ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն եւ ինչպէս ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի ու քովս բերի։ Եւ հիմա եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք. Իսրայէլի որդիներուն ըսելիք խօսքերս ասոնք են’»։

Մովսէս եկաւ ու ժողովուրդին ծերերը կանչեց եւ Տէրոջը իրեն պատուիրած այս բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կրկնեց։ Բոլոր ժողովուրդը միաբերան պատասխանեցին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը իմացուց։

Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես քեզի կու գամ թանձր ամպի մը մէջ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ՝ երբ ես քեզի հետ խօսիմ ու նաեւ միշտ քեզի հաւատայ»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը պատմեց։ 10 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ ժողովուրդին եւ զանոնք սրբէ այսօր ու վաղը եւ թող իրենց լաթերը լուան։ 11 Երրորդ օրուան համար պատրաստ ըլլան. քանզի երրորդ օրը Տէրը բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Սինա լերան վրայ պիտի իջնէ։ 12 Դուն ժողովուրդին բոլորտիքը սահման դիր ու ըսէ՝ ‘Զգուշացէ՛ք լեռը ելլելէ կամ անոր ծայրին դպչելէ։ Ով որ լերանը դպչի, անշուշտ պիտի մեռցուի’։ 13 Անոր ձեռք չդպչի. քանզի դպչողը անպատճառ պիտի քարկոծուի կամ նետով զարնուի. անասուն ըլլայ թէ մարդ՝ պիտի չապրի։ Երբ փողին ձայնը երկար հնչուի, անոնք լեռը պիտի ելլեն»։

14 Մովսէս լեռնէն ժողովուրդին քով իջաւ ու սրբեց ժողովուրդը եւ անոնք իրենց լաթերը լուացին։ 15 Անիկա ըսաւ ժողովուրդին. «Երրորդ օրուան համար պատրաստ եղէք. ձեր կիներուն մի՛ մերձենաք»։

16 Երրորդ օրը առտուն որոտումներ ու կայծակներ կ’ըլլային եւ թանձր ամպ մը կար լերանը վրայ ու խիստ սաստիկ փողի ձայն մը եւ բանակին մէջ եղած բոլոր ժողովուրդը զարհուրեցաւ։ 17 Մովսէս բանակէն Աստուծոյ առջեւ հանեց ժողովուրդը եւ անոնք լերանը տակ կայնեցան։ 18 Սինա լեռը բոլորովին կը մխար, վասն զի Տէրը անոր վրայ կրակով իջաւ ու անոր մուխը հնոցի մուխի պէս կ’ելլէր եւ բոլոր լեռը սաստիկ կը դողար։ 19 Եւ քանի որ փողին ձայնը շատ կը սաստկանար, Մովսէս խօսեցաւ ու Աստուած ձայնով մը անոր պատասխան տուաւ։ 20 Տէրը Սինա լերանը վրայ՝ լերանը գլուխը իջաւ ու Տէրը կանչեց Մովսէսը լերանը գլուխը եւ Մովսէս ելաւ։ 21 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իջի՛ր եւ ժողովուրդին պատուիրէ՛, որ չըլլայ թէ Տէրը տեսնելու համար սահմանէն անցնին ու կորսուին։ 22 Տէրոջը մօտեցող քահանաներն ալ թող սրբուին, որ չըլլայ թէ Տէրը անոնց վրայ յարձակի»։ 23 Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ժողովուրդը չի կրնար ելլել Սինա լեռը, վասն զի դուն մեզի պատուիրեցիր՝ ըսելով. ‘Սահման դի՛ր լերանը ու զանիկա սրբէ՛’»։ 24 Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛, վա՛ր իջիր ու Ահարոնին հետ մէկտեղ ելի՛ր. բայց քահանաներն ու ժողովուրդը Տէրոջը ելլելու համար սահմանէն չանցնին, որ չըլլայ թէ անոնց վրայ յարձակի»։ 25 Ու Մովսէս ժողովուրդին քով իջաւ եւ այնպէս խօսեցաւ անոնց։

ՏԱՍԸ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔՆԵՐԸ

20 1 Աստուած այս բոլոր խօսքերը ըսաւ.

«Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։

Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։

Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։

Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։

Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։ Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. 10 Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը. 11 Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։

12 Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։

13 Սպանութիւն մի՛ ըներ։

14 Շնութիւն մի՛ ըներ։

15 Գողութիւն մի՛ ըներ։

16 Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։

17 Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎԱԽԸ

(Բ. Օր. 5։22-33)

18 Բոլոր ժողովուրդը կը լսէին որոտումները ու կայծակները եւ փողին ձայնը ու կը տեսնէին լերանը մխալը։ Ժողովուրդը վախցաւ, ետ քաշուեցաւ ու հեռուն կայնեցաւ։ 19 Եւ ըսին Մովսէսին. «Դուն խօսէ մեզի հետ ու մտիկ ընենք. բայց Աստուած թող չխօսի մեզի հետ, որպէս զի չմեռնինք»։ 20 Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք. վասն զի Աստուած ձեզ փորձելու եկաւ, այնպէս որ անոր վախը ձեր առջեւ ըլլայ, որպէս զի չմեղանչէք»։ 21 Ժողովուրդը հեռուն կայնեցաւ ու Մովսէս մօտեցաւ այն թանձր խաւարին՝ ուր Աստուած էր։

ՕՐԷՆՔՆԵՐ ԽՈՐԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

22 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք տեսաք թէ ձեզի հետ երկնքէն խօսեցայ. 23 Ինծի հետ արծաթէ աստուածներ չշինէ՛ք. ո՛չ ալ ոսկիէ աստուածներ շինէք ձեզի։ 24 Ինծի հողէ սեղան մը պիտի շինես ու անոր վրայ քու ողջակէզներդ ու խաղաղութեան զոհերդ, քու ոչխարներդ ու արջառներդ պիտի մատուցանես եւ ամէն տեղ, ուր իմ անունս յիշել տամ, քեզի պիտի գամ ու քեզ պիտի օրհնեմ’։ 25 Եթէ ինծի քարէ սեղան շինելու ըլլաս, տաշուած քարէ մի՛ շիներ քանզի եթէ անոր վրայ երկաթ գործիք վերցնես, կը պղծես զանիկա։ 26 Եւ աստիճաններով մի՛ ելլեր իմ սեղանս, որպէս զի քու մերկութիւնդ չբացուի անոր վրայ»։

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ

(Բ. Օր. 15։12-18)

21 1 Անոնց առջեւ դնելու դատաստաններդ ասոնք են. Եթէ Եբրայեցի ծառայ մը ծախու առնելու ըլլաս, անիկա վեց տարի պիտի ծառայէ եւ եօթներորդ տարին պիտի ազատուի։ Եթէ մինակ մտաւ, մինակ պիտի ելլէ. եթէ կին ունէր, կինն ալ իրեն հետ պէտք է ելլէ։ Եթէ իր տէրը իրեն կին տուաւ ու անիկա իրեն որդիներ կամ աղջիկներ ծնած է, կինն ու անոր տղաքը տիրոջը պիտի ըլլան ու ինք մինակ պիտի ելլէ։ Իսկ եթէ ծառան յայտնէ թէ՝ ‘Ես կը սիրեմ իմ տէրս, իմ կինս ու իմ տղաքներս, չեմ ուզեր ելլել եւ ազատ ըլլալ’, Այն ատեն անոր տէրը դատաւորներուն պիտի տանի զանիկա եւ դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէ ու անոր տէրը անոր ականջը հերիւնով պիտի ծակէ եւ անիկա յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ անոր։

Եթէ մէկը իր աղջիկը աղախին ըլլալու համար ծախէ, անիկա ծառաներուն ելլելուն պէս պիտի չելլէ։ Եթէ անիկա հաճելի չերեւնայ իր տիրոջը աչքին՝ որ զանիկա իրեն նշաներ էր, թող փրկել տայ զանիկա. բայց զանիկա օտար ազգի ծախելու իրաւունք պիտի չունենայ, վասն զի խաբած կ’ըլլայ զանիկա։ Եթէ զանիկա իր որդիին նշանած է, աղջիկներու օրէնքին պէս ընէ անոր։ 10 Եթէ իրեն ուրիշ կին առնէ, անոր ուտելիքը, հանդերձը, մերձաւորութիւնը պիտի չկտրէ։ 11 Եւ եթէ անոր այս երեք բաները չընէ, այն ատեն աղջիկը առանց վճարումի՝ ձրի պիտի երթայ։

ՕՐԷՆՔՆԵՐ ՎԱՅՐԵՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

12 Մարդ զարնող մեռցնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։ 13 Իսկ եթէ դարանամուտ չեղաւ, հապա զանիկա Աստուած մատնեց անոր ձեռքը, քեզի տեղ մը պիտի սահմանեմ, որպէս զի անիկա հոն փախչի։ 14 Եթէ մէկը իր դրացիին դէմ ոխ ունենայ եւ զանիկա նենգութեամբ մեռցնէ, իմ սեղանէս ալ պիտի առնես զանիկա՝ որպէս զի մեռնի։ 15 Իր հօրը կամ մօրը զարնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։

16 Մարդ գողցողը, զանիկա ծախած ըլլայ եւ կամ իր ձեռքը գտնուի, անշուշտ պիտի մեռցուի։

17 Իր հայրը կամ մայրը անիծողը անշուշտ պիտի մեռցուի։

18 Եթէ մարդիկ իրարու հետ վէճ ընեն ու մէկը միւսին քարով կամ բռունցքով զարնէ ու անիկա չմեռնի, հապա անկողին պառկի, 19 Եթէ նորէն ելլէ ու ցուպով պտըտի, զարնողը անպարտ ըլլայ, միայն անոր կորսնցուցած ժամանակին արժէքը հատուցանէ ու բոլորովին առողջացնէ զանիկա։

20 Եթէ մէկը գաւազանով իր ծառային կամ իր աղախինին զարնէ ու անիկա իր ձեռքին տակ մեռնի, անշուշտ անկէ վրէժ պիտի առնուի։ 21 Բայց եթէ օր մը կամ երկու օր ապրի, անկէ վրէժ չառնուի. քանզի անիկա իր ստակն է։

22 Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով՝ անոր տղան անցընել տան, թէեւ ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով։ 23 Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս, 24 Աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք, 25 Խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած։

26 Եւ եթէ մէկը իր ծառային աչքը կամ իր աղախինին աչքին զարնէ ու կուրցնէ, անիկա իր աչքին փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։ 27 Եւ եթէ իր ծառային ակռան կամ իր աղախինին ակռան թափէ, անիկա իր ակռային փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։

ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԻՐՈՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

28 Եթէ եզ մը իր եղջիւրներովը մարդու մը կամ կնոջ մը զարնէ ու մեռցնէ, եզը անշուշտ պէտք է քարկոծել ու անոր միսը պէտք չէ ուտել. բայց եզին տէրը անպարտ պիտի ըլլայ։ 29 Բայց եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող է եւ անոր տիրոջն ալ ըսուած է, բայց տէրը զգոյշ եղած չէ եւ եթէ մարդ մը կամ կին մը մեռցնելու ըլլայ, եզը պէտք է քարկոծել, անոր տէրն ալ մեռցնել։ 30 Եթէ փրկանք մը որոշուի, անիկա իր անձին ազատութեանը համար որոշուած փրկագինը թող վճարէ։ 31 Եթէ տղու մը եւ կամ աղջկան մը զարնելու ըլլայ եզը, նոյն օրէնքով պիտի դատուի։ 32 Եթէ եզը ծառայի մը կամ աղախինի մը զարնէ, եզին տէրը անոնց տիրոջը երեսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ, սակայն եզը պէտք է քարկոծուի։

33 Եթէ մէկը փոս մը բանայ, կամ փոս մը փորէ ու չծածկէ եւ հոն եզ մը կամ էշ մը իյնալու ըլլայ 34 Վնասը փոսին տէրը պիտի քաշէ ու անոնց տիրոջը ստակ պիտի տայ, բայց մեռածը իրը պիտի ըլլայ։

35 Եթէ մէկուն եզը իր դրացիին եզին զարնէ ու մեռցնէ, ողջ եզը պիտի ծախեն ու անոր ստակը բաժնեն եւ մեռածն ալ բաժնեն։ 36 Իսկ եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող ըլլալը իմաց տրուած ըլլայ, բայց տէրը զանիկա պահած չըլլայ, անշուշտ եզին տեղը եզ պիտի տայ ու մեռածը իրը պիտի ըլլայ»։

ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

22 1 Եթէ մէկը արջառ մը կամ ոչխար մը գողնայ ու մորթէ կամ ծախէ զանիկա, մէկ արջառին տեղ հինգ արջառ ու մէկ ոչխարին տեղ չորս ոչխար պիտի հատուցանէ։ Եթէ գող մը տուն ծակելու վրայ գտնուի ու զարնուի եւ մեռնի, անոր համար արիւն պիտի չթափուի։ Եթէ անոր վրայ արեւը ծագեր էր, անոր համար արիւն պիտի թափուի։ Անիկա լման կրնար հատուցանել. եթէ բան մըն ալ չունենար, այն ատեն իր գողցած բանին համար կրնար ծախուիլ։ Եթէ գողցածը իր ձեռքը ողջ գտնուի, եզ ըլլայ, թէ էշ կամ ոչխար, կրկինը պիտի հատուցանէ։

Եթէ մէկը արտի մը կամ այգիի մը վնաս տայ, ձգելով որ իր անասունը ուրիշի մը արտին մէջ արածի, իր արտին ամենէն աղէկ արդիւնքէն ու իր այգիին ամենէն աղէկ բերքէն պիտի հատուցանէ։ Եթէ կրակ ցատքէ, ցանկին փուշերուն փակչի եւ դիզուած որաները կամ չհնձուած ցորենը կամ արտը այրի, կրակը վառողը այրածին արժէքը լման պիտի հատուցանէ։

Եթէ մէկը իր դրացիին ստակ կամ ամաններ տայ պահելու համար եւ դրացիին տունէն գողցուի, եթէ գողը գտնուի, գողը կրկինը պիտի հատուցանէ։ Եթէ գողը չգտնուի, տանտէրը դատաւորներուն պիտի տարուի, յանձնուած ստացուածքին ձեռք չդպցնելը ստուգելու համար։ Ամէն կերպ անիրաւութեան համար, եզի, կամ իշու, ոչխարի եւ կամ հանդերձի համար, կամ ամէն կերպ կորսուած բանի համար՝ որ մէկը կը հաստատէ թէ իրն է, երկու կողմին դատը դատաւորներուն առջեւ տարուի ու երբ դատաւորները ճշդեն յանցաւորը, անիկա իր դրացիին՝ կրկինը պիտի հատուցանէ։

10 Եթէ մէկը իր դրացիին էշը կամ եզը, կամ ոչխարը, կամ ոեւէ անասուն պահելու համար տայ ու անիկա մեռնի կամ վնասուի, կամ թշնամին առնէ տանի ու տեսնող մը չըլլայ, 11 Այն ատեն երկուքին մէջտեղ Տէրոջը երդումն ըլլայ՝ իր դրացիին ստացուածքին ձեռք չդպցնելուն համար ու անոր տէրը պիտի ընդունի երդումը եւ ինք պիտի չհատուցանէ։ 12 Եթէ իրաւցնէ իր քովէն գողցուեր է, ինք անոր տիրոջը պէտք է հատուցանէ։ 13 Եթէ գազանէ պատառուած ըլլայ, թող բերէ զանիկա՝ վկայութիւն ըլլալու համար. այն ատեն պատառուածին գինը պիտի չհատուցանէ։

14 Եւ եթէ մէկը իր դրացիէն անասուն փոխ առնէ ու անիկա վնասուի կամ մեռնելու ըլլայ եւ անոր տէրը իրեն հետ չըլլայ, ինք անշուշտ պիտի հատուցանէ. 15 Բայց եթէ անոր տէրը իրեն հետ էր, պիտի չհատուցանէ։ Եթէ վարձքով առած էր, վարձքին տեղը սեպուի։

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

16 Եթէ մէկը չնշանուած աղջիկ մը խաբէ ու անոր հետ պառկի, անշուշտ անոր օժիտը ինք տալով զանիկա իրեն կին պէտք է ընէ։ 17 Եթէ աղջկան հայրը ամենեւին չուզէ տալ, անիկա կոյսերուն օժիտին չափ ստակ պարտի տալ։

18 Կախարդ կինը մի՛ ապրեցներ։

19 Ով որ անասունի հետ պառկի, անշուշտ պէտք է մեռցուի։

20 Միայն Տէրոջմէն զատ ուրիշ աստուածներու զոհ ընողը բոլորովին պէտք է կորսուի։

21 Օտարականը մի՛ չարչարեր ու զանիկա մի՛ նեղեր. վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։ 22 Որբեւայրին ու որբը բնաւ մի՛ չարչարէք։ 23 Եթէ զանոնք չարչարէք ինչ կերպով ալ ըլլայ ու անոնք ինծի բողոքելու ըլլան, անշուշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը։ 24 Իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու ձեզ սրով պիտի մեռցնեմ եւ ձեր կիները որբեւայրի ու ձեր տղաքները որբ պիտի ըլլան։

25 Եթէ իմ ժողովուրդէս քու քովդ եղած աղքատ մէկուն փոխ ստակ տաս, վաշխ առնողի մը պէս մի՛ ըլլար ու անոր վրայ վաշխ մի՛ դներ։ 26 Եթէ քու դրացիիդ հանդերձը գրաւ առնես, արեւը մարը չմտած իրեն ետ դարձուր. 27 Վասն զի այն է միայն անոր ծածկոցը, իր մարմնին հանդերձն է այն։ Ինչո՞վ պիտի պառկի։ Եթէ ինծի աղաղակէ, պիտի լսեմ, քանզի ես ողորմած եմ։

28 Դատաւորներուն մի՛ հայհոյեր եւ քու ժողովուրդիդ իշխանը մի՛ անիծեր։

29 Քու արմտիքներուդ ու հեղանիւթերուդ երախայրիները մի՛ ուշացներ. քու որդիներուդ անդրանիկները ինծի պէտք է տաս։ 30 Քու եզիդ ու ոչխարիդ ալ այսպէս ըրէ. եօթը օր մօրը հետ պիտի ըլլայ. ութերորդ օրը զայն ինծի պիտի տաս։

31 Դուք ինծի սուրբ մարդիկ պիտի ըլլաք։ Դաշտին մէջ գազաններէն պատառուածին միսը մի՛ ուտէք. այլ՝ շուներուն նետեցէք։

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

23 1 Սուտ լուր մի՛ տանիր. անօրէնին հետ ձեռքդ մի՛ միացներ անիրաւ վկայ ըլլալով։ Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր ու դատաստանի մէջ իրաւունքը ծռելու համար շատերուն կողմը խոտորելով՝ մի՛ խօսիր։ Աղքատին աչառութիւն մի՛ ըներ իր դատին մէջ։

Եթէ քու թշնամիիդ մոլորած եզին կամ իշուն հանդիպելու ըլլաս, անշուշտ իրեն պէտք է դարձնես զանիկա։ Եթէ քեզ ատողին էշը բեռի տակ ինկած տեսնես, զգուշացիր, զայն մի՛ լքեր, անոր հետ ազատէ էշը։

Քու աղքատիդ դատին մէջ անոր իրաւունքը մի՛ ծռեր. Սուտ խօսքէն հեռու կեցիր եւ անմեղն ու արդարը մի՛ մեռցներ. վասն զի ես չարը պիտի չարդարացնեմ։

Կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը աչքը բաց մարդիկը կը կուրցնէ եւ արդարներուն դատերը կը խանգարէ։ Օտարականը մի՛ նեղէք, վասն զի օտարականին սրտին վիճակը գիտէք, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի մէջ օտարական էիք։

ԵՈԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԵՒ ՕՐԸ

10 Քու երկիրդ վեց տարի սերմանէ՛ ու անոր արդիւնքը հաւաքէ՛։ 11 Բայց եօթներորդ տարին ազատ ձգէ՛ ու թողո՛ւր զայն, որպէս զի քու ժողովուրդիդ աղքատները ուտեն եւ անոնցմէ մնացածը դաշտին անասունները ուտեն. քու այգիիդ ու ձիթաստանիդ ալ այսպէս ըրէ։ 12 Վեց օր քու գործդ գործէ՛ ու եօթներորդ օրը հանգստացիր, որպէս զի քու եզդ ու էշդ ալ հանգստանան եւ քու աղախինիդ որդին ու օտարականը շունչ առնեն։ 13 Եւ բոլոր ձեզի ըսածներուս մէջ զգոյշ եղէք եւ ուրիշ աստուածներու անուն մի՛ յիշէք. ձեր բերնէն թող չլսուի։

ԵՐԵՔ ՄԵԾ ՏՕՆԵՐԸ

(Ելից 34։18-26, Բ. Օր. 16։1-17)

14 Տարին երեք անգամ տօն պահէ՛։ 15 Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. քեզի պատուիրածիս պէս եօթը օր անխմոր հաց պիտի ուտես Ապիպ ամսուան մէջ սահմանուած ժամանակին. վասն զի այն ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։ Բնաւ մէկը ձեռքը դատարկ թող չերեւնայ իմ առջեւս։ 16 Արտին մէջ ցանելու աշխատութեանդ երախայրի պտուղը հնձելու տօնը ու տարուան վերջը հաւաքելու տօնը պահէ՛, երբ արտէն քու աշխատութիւնդ կը հաւաքես։ 17 Տարին երեք անգամ քու բոլոր արուներդ Տէր Եհովային առջեւ թող երեւնան։

18 Իմ զոհիս արիւնը խմորեալ հացով մի՛ մատուցաներ ու իմ տօնիս ճարպը մինչեւ առտու թող չմնա՛յ։ 19 Քու երկրիդ առաջին երախայրիները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է տանիս։

Ուլը մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։

ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ

20 Ահա քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։ 21 Զգուշութեամբ անոր խօսքին մտիկ ըրէ, անոր անհնազանդ մի՛ ըլլար. վասն զի անիկա ձեր յանցանքը պիտի չներէ, քանզի իմ անունս անոր վրայ է։ 22 Բայց եթէ ուշադրութեամբ անոր խօսքին մտիկ ընես ու իմ բոլոր ըսածս կատարես, այն ատեն քու թշնամիներուդ թշնամի պիտի ըլլամ եւ քու հակառակորդներուդ՝ հակառակորդ։ 23 Քանզի իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ եւ քեզ Ամօրհացիներուն ու Քետացիներուն եւ Փերեզացիներուն ու Քանանացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն պիտի տանի եւ ես պիտի ջարդեմ զանոնք։ 24 Անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն կամ ծառայութիւն մի՛ ըներ ու անոնց ըրածին պէս մի՛ ըներ. հապա բոլորովին կործանէ՛ զանոնք ու կուռքերը բոլորովին կոտրտէ՛։ 25 Ձեր Տէր Աստուածը պաշտեցէ՛ք ու ես ձեր հացն ու ջուրը պիտի օրհնեմ եւ ձեր մէջէն հիւանդութիւնը պիտի վերցնեմ։ 26 Քու երկրիդ մէջ վիժող ու ամուլ պիտի չըլլայ։ Քու օրերուդ թիւը պիտի շատցնեմ։ 27 Իմ երկիւղս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ եւ պիտի կորսնցնեմ այն ժողովուրդը, որուն քով կ’երթաս ու քու բոլոր թշնամիներուդ կռնակը քեզի պիտի դարձնեմ։ 28 Եւ քու առջեւէդ իշամեղու պիտի ղրկեմ, որպէս զի Խեւացիները, Քանանացիներն ու Քետացիները քու առջեւէդ վռնտէ։ 29 Անոնք քու առջեւէդ մէկ տարուան մէջ պիտի չվռնտեմ, որ չըլլայ թէ երկիրը ամայանայ ու դաշտին գազանները շատնան։ 30 Զանոնք քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտեմ, մինչեւ որ դուն բազմանաս ու երկիրը ժառանգես։ 31 Քու սահմաններդ Կարմիր ծովէն մինչեւ Փղշտացիներուն ծովը ու անապատէն մինչեւ Եփրատ գետը պիտի ըլլան. վասն զի այն երկրին բնակիչները քու ձեռքդ պիտի տամ, որ զանոնք քու առջեւէդ վռնտես։ 32 Անոնց հետ ու անոնց աստուածներուն հետ ուխտ մի՛ ըներ։ 33 Քու երկրիդ մէջ թող չբնակին, որպէս զի քեզի մեղք գործել չտան ինծի դէմ. վասն զի եթէ անոնց աստուածները պաշտես, անշուշտ այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։

ՈՒԽՏԸ ԿՆՔՈՒԱԾ

24 1 Ան ըսաւ Մովսէսին. «Տէրոջը ելէ՛ք դուն ու Ահարոնը, Նադաբն ու Աբիուդը եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ու հեռուէն երկրպագութիւն ըրէք։ Բայց միայն Մովսէս թող մօտենայ Տէրոջը։ Անոնք թող չմօտենան, ո՛չ ալ ժողովուրդը անոր հետ ելլէ»։

Մովսէս եկաւ ու Տէրոջը բոլոր խօսքերը եւ բոլոր կարգադրութիւնը պատմեց ժողովուրդին։ Բոլոր ժողովուրդը միաձայն պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք»։ Մովսէս Տէրոջը բոլոր խօսքերը գրեց ու առտու կանուխ ելաւ ու լերանը տակ սեղան շինեց, տասներկու արձան կանգնեցուց, Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն համեմատ։ Եւ Իսրայէլի որդիներէն պատանիներ ղրկեց, որոնք ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհերու համար զուարակներ զոհեցին Տէրոջը։ Մովսէս արիւնին կէսը առաւ ու կոնքերու մէջ դրաւ եւ արիւնին կէսը սեղանին վրայ սրսկեց։ Ապա՝ առաւ ուխտին գիրքը ու ժողովուրդին առջեւ կարդաց եւ անոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածը պիտի կատարենք ու անոր պիտի հնազանդինք»։ Մովսէս առաւ արիւնը ու ժողովուրդին վրայ սրսկեց ու ըսաւ. «Ահա բոլոր այս խօսքերուն համաձայն Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին արիւնը»։

Այն ատեն Մովսէս ու Ահարոն, Նադաբ ու Աբիուդ եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ելան 10 Եւ Իսրայէլի Աստուածը տեսան ու անոր ոտքերուն տակ շափիւղայով սալարկուածի պէս էր եւ պայծառութեամբ՝ բուն երկնքին պէս։ 11 Իսրայէլի որդիներէն ընտրեալներուն վրայ իր ձեռքը չերկնցուց եւ Աստուած տեսան ու կերան ու խմեցին։

ՄՈՎՍԷՍ ՍԻՆԱ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ

12 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր ինծի ու հոն կայնէ՛։ Քեզի պիտի տամ քարեղէն տախտակներն ու իմ դրած օրէնքս եւ պատուիրանքներս՝ որպէս զի անոնց սորվեցնես»։ 13 Եւ Մովսէս ու անոր պաշտօնեան՝ Յեսուն՝ ելան եւ Մովսէս Աստուծոյ լեռը ելաւ 14 Եւ ըսաւ ծերերուն. «Դուք հոս մեզի սպասեցէք, մինչեւ որ ձեզի դառնանք։ Ահա Ահարոն ու Ովր ձեզի հետ են. եթէ մէկը դատ մը ունենայ՝ թող անոնց երթայ»։

15 Մովսէս լեռը ելաւ ու ամպը պատեց լեռը։ 16 Տէրոջը փառքը Սինա լերան վրայ հանգչեցաւ։ Ամպը պատեց զանիկա վեց օր եւ եօթներորդ օրը Տէրը ամպին մէջէն կանչեց Մովսէսը։ 17 Տէրոջը փառաւոր տեսիլքը լերանը գագաթին վրայ մաշող կրակի պէս էր Իսրայէլի որդիներուն առջեւ։ 18 Մովսէս ամպին մէջէն մտաւ ու լեռը ելաւ եւ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը մնաց։

ԸՆԾԱՆԵՐ Ս. ԽՈՐԱՆԻՆ

(Ելից 35։4-9)

25 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ինծի ընծայ բերեն. միայն յօժարակամ տուող մարդէն առէք իմ ընծաս։ Անոնց տուած ընծաները թող ըլլան՝ ոսկի, արծաթ ու պղինձ Կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր ու բարակ քթան եւ այծի մազ Կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու թէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր, Լոյսի համար իւղ, օծման իւղի ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ, Եղնգնաքարեր ու եփուտին ու լանջապանակին վրայ գամուելու քարեր։

Ինծի սրբարան մը թող շինեն, որպէս զի իրենց մէջ բնակիմ։ Խորանին օրինակը եւ անոր բոլոր կարասիներուն օրինակը, բոլոր քեզի ցուցուցածիս պէս, ճիշդ այնպէս շինեցէք»։

ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ

(Ելից 37։1-9)

10 «Սատիմի փայտէ տապանակ մը թող շինեն. անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու կէս եւ լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն ու կէս եւ բարձրութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ։ 11 Զանիկա զուտ ոսկիով պատէ՛, ներսէն ու դուրսէն պատէ։ Անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։ 12 Անոր համար չորս ոսկի օղակ ձուլէ՛ ու անոր չորս անկիւնները դի՛ր զանոնք, որպէս զի անոր մէկ կողմը երկու օղակ ու միւս կողմը երկու օղակ ըլլայ։ 13 Սատիմի փայտէ ձողեր շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ 14 Ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցո՛ւր, որպէս զի տապանակը անոնցմով վերցուի։ 15 Ձողերը տապանակին օղակներուն մէջ թող մնան. անկէ թող չհանուին։ 16 Եւ տապանակին մէջ դի՛ր այն վկայութիւնը՝ որ քեզի պիտի տամ։

17 Զուտ ոսկիէ քաւութիւն մը շինէ՛, անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու կէս, լայնութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ։ 18 Ոսկիէ երկու քերովբէներ շինէ՛ քաւութեան երկու ծայրին վրայ։ Կռածոյ շինէ՛ զանոնք։ 19 Մէկ քերովբէն մէկ ծայրէն ու միւս քերովբէն միւս ծայրէն շինէ՛։ 20 Քերովբէները թեւերնին վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը պիտի ծածկեն։ Անոնց երեսները իրարու պիտի նային. քերովբէներուն երեսները դէպի քաւութիւնը պիտի ըլլան։ 21 Քաւութիւնը տապանակին վրայ պիտի դնես։ Քեզի տալու վկայութիւնս տապանակին մէջ դի՛ր։ 22 Հոն ես քեզի պիտի հանդիպիմ ու քաւութեանը վրայէն, վկայութեան տապանակին վրայ եղած երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, Իսրայէլի որդիներուն համար բոլոր քեզի տալիք պատուիրանքներուն վրայով պիտի խօսիմ քեզի հետ»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ՀԱՑԻՆ ՍԵՂԱՆԸ

(Ելից 37։10-16)

23 «Սատիմի փայտէ սեղան մը շինէ՛. անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն, լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն ու բարձրութիւնը մէկ կանգուն ու կէս պիտի ըլլայ։ 24 Զանիկա զուտ ոսկիով պատէ՛ ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։ 25 Անոր չորս մատնաչափ եզերք մը շինէ ու եզերքին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։ 26 Անոր չորս ոսկի օղակ շինէ, անոր չորս անկիւնը չորս ոտքին քով դիր օղակները։ 27 Օղակները եզերքին քով պէտք է ըլլան, որպէս զի սեղանը վերցնելու համար՝ ձողերուն տեղեր ըլլան։ 28 Ձողերը Սատիմի փայտէ շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ Սեղանը անոնցմով պիտի վերցուի։ 29 Անոր սկուտեղներ ու խնկամաններ եւ բաժակներ ու գաւաթներ շինէ՛, որպէս զի անոնցմով թափելու նուէր մատուցանուի։ Զանոնք զուտ ոսկիէ շինէ՛։ 30 Սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացը միշտ իմ առջեւս դի՛ր»։

ԱՇՏԱՆԱԿԸ

(Ելից 37։17-24)

31 «Զուտ ոսկիէ աշտանակ մը շինէ՛։ Կռածոյ ըլլալու է աշտանակը։ Անոր բունը, ճիւղերը, սկահակները, գնդակները ու ծաղիկները իրմէ պէտք է ըլլան։ 32 Անոր քովերէն վեց ճիւղեր պէտք է ելլեն. աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ եւ միւս կողմէն երեք ճիւղ ելլեն։ 33 Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով եւ միւս ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս թող ըլլան։ 34 Աշտանակին վրայ չորս նշաձեւ սկահակ պիտի ըլլայ իրենց գնդակներովը ու ծաղիկներովը։ 35 Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերուն երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ ու երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ։ Երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ թող ըլլայ։ 36 Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ պէտք է ըլլան։ Ամէնքը մէկ կտորէ՝ զուտ ոսկիէ կռածոյ պէտք է ըլլան։ 37 Անոր եօթը ճրագներ շինէ՛, այնպէս որ ճրագները վառուած ատեն՝ լոյսը առջեւէն տան։ 38 Անոր ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ պէտք է ըլլան։ 39 Անիկա բոլոր այս գործիքներով տաղանդ մը զուտ ոսկիէ պիտի շինուի։ 40 Ջանա՛, որ լեռը քեզի ցուցուած օրինակին պէս շինես զանոնք»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԸ

(Ելից 36։8-38)

26 1 «Խորանը շինէ՛ տասը վարագոյրներով՝ մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ եւ ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ. վարպետի գործ շինէ՛ զանոնք քերովբէներով։ Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը քսանըութը կանգուն եւ մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն պէտք է ըլլայ։ Բոլոր վարագոյրներուն չափը նոյնը պէտք է ըլլայ։ Հինգ վարագոյրները իրարու թող կցուին եւ միւս հինգ վարագոյրները՝ իրարու։ Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակեայ օղակներ շինէ՛. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս։ Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինէ՛ եւ միւս կցուածքին վրայ եղած վարագոյրին վրայ ալ յիսուն օղակ շինէ՛։ Օղակները դէմ դիմաց պէտք է ըլլան։ Յիսուն կարթաձեւ ոսկի ճարմանդներ շինէ՛։ Վարագոյրները ճարմանդներով կոճկէ՛ եւ խորան մը թող ըլլայ։

Խորանին վրայ ծածկոց ըլլալու համար այծի մազէ վարագոյրներ շինէ։ Տասնըմէկ վարագոյրներ շինէ՛։ Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը երեսուն կանգուն եւ մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն ըլլայ. տասնըմէկ վարագոյրներուն չափը նոյնը ըլլայ։ Հինգ վարագոյրները զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցէ՛ եւ վեցերորդ վարագոյրը խորանին առջեւի կողմէն երկպատիկ ըրէ՛։ 10 Կցուածքին ծայրը եղած մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ ու միւս կցուածքին ծայրը եղած վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինէ՛։ 11 Պղնձէ յիսուն կարթաձեւ ճարմանդներ շինէ՛ ու ճարմանդները օղակներուն անցո՛ւր եւ վրանը կոճկէ, որպէս զի մէկ կտոր ըլլայ։ 12 Վրանին վարագոյրներէն աւելորդ մնացածը, այսինքն վարագոյրին աւելցած կէսը, խորանին ետեւէն թող կախուած մնայ։ 13 Վրանին վարագոյրներուն երկայնութենէն մէկ կանգուն մէկ կողմէն ու մէկ կանգուն միւս կողմէն աւելցածը խորանին քովերը թող կախուած մնան՝ զանիկա մէկ կողմէն ու միւս կողմէն ծածկելու համար։ 14 Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէն ծածկոց մը ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէն ծածկոց մը շինէ՛։

15 Խորանին տախտակները Սատիմի փայտէ շինէ՛, որպէս զի կանգնած մնան։ 16 Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն եւ լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն պէտք է ըլլայ։ 17 Ամէն մէկ տախտակը երկերկու ագուցիկ ծայրեր թող ունենայ՝ իրարու յարմարած։ Խորանին բոլոր տախտակները նոյնպէս ըլլան։ 18 Խորանին տախտակներ շինէ՛։ Հարաւային կողմը քսան տախտակ շինէ՛։ 19 Եւ տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ շինէ՛։ Մէկ տախտակին տակ իր երկու ագուցիկ ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ եւ միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ պէտք է ըլլայ։ 20 Խորանին միւս կողմին համար՝ հիւսիսային կողմը՝ քսան տախտակ, 21 Անոնց քառասուն արծաթ խարիսխներ։ Մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինէ՛։ 22 Խորանին ետեւի կողմին համար՝ արեւմտեան կողմը վեց տախտակ շինէ՛։ 23 Խորանին անկիւններուն համար ետեւի կողմը երկու տախտակ շինէ՛։ 24 Վարէն թող կցուին ու վերէն մէկ օղակով կցուած մէկ կտոր թող ըլլան։ Երկուքն ալ նոյնպէս պէտք է ըլլան։ Անոնք երկու անկիւններուն համար պիտի ըլլան։ 25 Այսպէս՝ ասոնք ութը տախտակ պիտի ըլլան ու անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց խարիսխ պիտի ըլլան։ Մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ թող ըլլայ։ 26 Սատիմի փայտէ նիգեր շինէ՛։ Խորանին մէկ քովի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ, 27 Խորանին միւս քովի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ ու դէպի արեւմուտք խորանին ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ պէտք է ըլլայ։ 28 Եւ մէջտեղի նիգը, այսինքն տախտակներուն մէջտեղ եղածը, մէկ ծայրէն միւս ծայրը թող անցնի։ 29 Եւ տախտակները ոսկիով պատէ՛ ու անոնց օղակները, այսինքն նիգերուն տեղերը, ոսկիէ շինէ՛։ Նիգերը ոսկիով պատէ՛։

30 Խորանը կանգնեցուր այն ձեւին համաձայն, որ լերանը վրայ քեզի ցուցուեցաւ։

31 Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ վարագոյր մը շինէ՛։ Անիկա վարպետի գործ պիտի ըլլայ՝ քերովբէներով։ 32 Զանիկա Սատիմի փայտէ չորս ոսկեպատ սիւներու վրայ դի՛ր։ Անոնց ճանկերը ոսկի պէտք է ըլլան ու չորս արծաթ խարիսխներու վրայ թող ըլլան։ 33 Վարագոյրը ճարմանդներէն վար կախէ՛ ու հոն վարագոյրին ներսի կողմը վկայութեան տապանակը բեր։ Վարագոյրը ձեզ պիտի բաժնէ սրբութիւնին ու սրբութիւն սրբութեանցին մէջտեղ։ 34 Եւ քաւութիւնը վկայութեան տապանակին վրայ՝ սրբութիւն սրբութեանցին մէջ դի՛ր։ 35 Վարագոյրին դուրսիդին սեղանը ու սեղանին դէմ խորանին հարաւային կողմը՝ աշտանակը դի՛ր ու սեղանը հիւսիսային կողմը դի՛ր։

36 Վրանին դրանը կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարագործ դրան վարագոյր մը շինէ՛։ 37 Դրան վարագոյրին համար Սատիմի փայտէ հինգ սիւն շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛ եւ անոնց ճանկերը ոսկիէ թող ըլլան ու անոնց համար պղնձէ հինգ խարիսխ ձուլէ՛»։

ԽՈՐԱՆԸ

(Ելից 38։1-7)

27 1 «Զոհի սեղանը Սատիմի փայտէ շինէ՛, երկայնութիւնը հինգ կանգուն ու լայնութիւնը հինգ կանգուն։ Սեղանը քառակուսի պէտք է ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը՝ երեք կանգուն։ Անոր եղջիւրները անոր չորս անկիւններուն վրայ շինէ՛։ Եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։ Անոր մոխիրը հաւաքելու համար անոր թաղարներ ու անոր թիակներ եւ անոր կոնքեր ու անոր մսահաններ ու անոր կրակի ամաններ շինէ՛։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինէ՛։ Անոր ցանցակերպ կասկարայ մը շինէ՛ պղնձէ ու ցանցին վրայ չորս պղնձէ օղակ շինէ՛ անոր չորս անկիւններուն համար։ Զանիկա սեղանին շրջանակին տակ դի՛ր ներքեւէն, որպէս զի ցանցը սեղանին մէջտեղը ըլլայ։ Սեղանին համար ձողեր շինէ՛. ձողերը Սատիմի փայտէ ըլլալու են։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։ Անոր ձողերը օղակներուն պիտի անցուին։ Ձողերը սեղանին երկու քովերը պիտի ըլլան՝ զանիկա վերցնելու համար։ Զանիկա տախտակներէ շինէ, բայց մէջը պարապ, լեռը քեզի ցուցուածին պէս շինէ անիկա»։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ

(Ելից 38։9-20)

«Խորանին սրահ շինէ՛։ Հարաւային կողմին համար սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են. մէկ քովի երկայնութիւնը հարիւր կանգուն թող ըլլայ։ 10 Անոր քսան սիւներն ու անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, բայց սիւներուն ճանկերը եւ անոնց կապերը արծաթէ թող ըլլան։ 11 Եւ նոյնպէս հիւսիսային կողմին համար սրահին երկայնութեանը նայելով՝ վարագոյրները հարիւր կանգուն երկայն պէտք է ըլլան ու անոր քսան սիւները եւ անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ պէտք է ըլլան։ 12 Արեւմտեան կողմին սրահին լայնութեանը համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն, իսկ անոնց սիւները՝ տասը ու անոնց խարիսխները տասը պէտք է ըլլան։ 13 Սրահին արեւելեան կողմի վարագոյրին լայնութիւնը յիսուն կանգուն ըլլալու է։ 14 Եւ դրանը մէկ քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան։ Անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։ 15 Միւս քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան. անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։ 16 Սրահին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ քսան կանգուն նկարազարդ վարագոյր մը շինէ՛։ Ան չորս սիւն ու չորս խարիսխ պէտք է ունենայ։ 17 Սրահին բոլորտիքի բոլոր սիւները արծաթապատ ու անոնց ճանկերը արծաթէ, իսկ խարիսխները՝ պղնձէ պէտք է ըլլան։ 18 Սրահին երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը՝ յիսուն եւ բարձրութիւնը հինգ կանգուն։ Վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ պէտք է ըլլան ու անոնց խարիսխները պղնձէ պէտք է ըլլան։ 19 Խորանին բոլոր գործիքները եւ բոլոր գործածութեան համար անոր բոլոր ցիցերը ու սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ պէտք է ըլլան»։

ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ ԼՈՅՍԻ

(Ղեւտ. 24։1-4)

20 «Եւ դուն պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն լոյսի համար, որպէս զի կանթեղները միշտ վառին։ 21 Ահարոնն ու անոր որդիները ժողովի խորանին մէջ՝ վկայութեանը առջեւի վարագոյրին դուրսիդին՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ զայն վառելու հոգ տանին. ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն ըլլայ իրենց սերունդին մէջ Իսրայէլի որդիներուն կողմանէ»։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ

(Ելից 39։1-7)

28 1 «Քեզի մօտեցուր քու եղբայրդ Ահարոնը՝ իր որդիներուն հետ՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջէն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն. Ահարոնը եւ իր որդիները՝ Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։ Եղբօրդ Ահարոնին սուրբ զգեստներ շինէ՛ պատիւի ու փառքի համար։ Դուն ըսէ բոլոր իմաստուն միտք ունեցողներուն, որոնք ես իմաստութեան հոգիով լեցուցի, որ Ահարոնին զգեստներ շինեն՝ զանիկա օրհնելու համար՝ որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։ Անոնց զգեստները ասոնք են՝ լանջապանակ ու եփուտ եւ պատմուճան ու նկարազարդ շապիկ, խոյր եւ գօտի։ Սուրբ զգեստներ շինեն քու եղբօրդ Ահարոնին ու անոր որդիներուն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։

Վարպետները թող գործածեն ոսկի ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն ու կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան։ Ոսկի թելէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ եւ մանուած բարակ քթանէ վարպետութեամբ թող շինեն եփուտը։ Անոր երկու ծայրերը երկու կցուած վակասներ պէտք է ունենան, որպէս զի եփուտը միանայ։ Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը անոր շինուածքին պէս նոյն նիւթէն՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են։ Երկու եղնգնաքարեր պիտի առնես ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները փորագրես։ 10 Անոնց անուններուն վեցը՝ մէկ քարի վրայ եւ մնացած վեց անունները՝ ուրիշ քարի մը վրայ՝ անոնց ծնունդներուն համաձայն փորագրուի։ 11 Այն երկու քարերուն վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները ակունք բանողի գործով՝ այսինքն կնիք փորագրելու պէս փորագրէ, ոսկի խորշերու մէջ գամէ՛ զանոնք։ 12 Երկու քարերը եփուտին ուսերուն վրայ դի՛ր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն յիշատակի քարեր ըլլան։ Ահարոն անոնց անունները յիշատակի համար իր երկու ուսերուն վրայ պիտի կրէ Տէրոջը առջեւ։ 13 Ոսկիէ խորշեր շինէ 14 Եւ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած՝ երկու շղթաներ շինէ՛ ու հիւսուած շղթաները խորշերուն անցուր»։

ԼԱՆՋԱՊԱՆԱԿԸ

(Ելից 39։8-21)

15 «Դատաստանի լանջապանակը վարպետի գործ ըլլալու է։ Զանիկա եփուտին շինուածքին պէս շինէ՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։ 16 Քառակուսի պէտք է ըլլայ երկուքի ծալլուելով։ Անոր երկայնութիւնը՝ մէկ թիզ ու անոր լայնութիւնը մէկ թիզ պէտք է ըլլայ։ 17 Եւ անոր մէջ ակունքներու գամուածքին նման չորս կարգ քարեր գամէ՛, այս կարգով՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ՝ առաջին կարգը պիտի ըլլան։ 18 Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ։ 19 Երրորդ կարգը՝ գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։ 20 Չորրորդ կարգը՝ ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկիի խորշերու մէջ պիտի գամուին։ 21 Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն պէս տասներկու հատ պիտի ըլլան։ Անոնց անուններուն համաձայն՝ ամէն մէկը իր անունովը տասներկու ցեղին համաձայն՝ կնիքի նման պիտի փորագրուին։ 22 Եւ լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինէ՛։ 23 Լանջապանակին վրայ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ ու այն երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերուն վրայ դի՛ր։ 24 Երկու հիւսուած ոսկի շղթաները լանջապանակին ծայրը եղած երկու օղակներուն անցո՛ւր։ 25 Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը այն երկու խորշերուն անցո՛ւր ու զանոնք եփուտին առջեւի կողմէն ուսերուն վրայ դի՛ր։ 26 Երկու ոսկի օղակներ ալ շինէ՛ ու զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն՝ եփուտին երկու ուսերուն դիր։ 27 Եւ ուրիշ երկու ոսկի օղակներ շինէ, զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուր 28 Որ լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեն, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլան ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի։ 29 Երբ Ահարոն սրբարանը մտնէ, Իսրայէլի որդիներուն անունները Տէրոջը առջեւ յիշատակի համար՝ միշտ իր սրտին վրայ եղած դատաստանի լանջապանակին վրայ պէտք է կրէ։ 30 Դատաստանի լանջապանակին մէջ Ուրիմը ու Թումիմը դի՛ր։ Անոնք Ահարոնին սրտին վրայ ըլլան, երբ Տէրոջը առջեւ երթայ։ Ահարոն Տէրոջը առջեւ միշտ իր սրտին պէտք կրէ Իսրայէլի որդիներուն դատաստանը»։

ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ

(Ելից 39։22-31)

31 «Եփուտին պատմուճանը բոլորովին կապուտակէ շինէ։ 32 Անոր մէջտեղը գլուխ անցընելու ճեղքուածք մը պէտք է ըլլայ. ճեղքուածքին բոլորտիքը զրահի ճեղքուածքին պէս հիւսուած եզերք ունենալու է, որպէս զի չպատռի։ 33 Անոր քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նուռեր շինէ՛ քղանցքներուն բոլորտիքը։ Անոնց մէջտեղ շուրջանակի ոսկի զանգակներ։ 34 Պատմուճանին քղանցքին վրայ շուրջանակի ոսկի զանգակ մը ու նուռ մը։ 35 Պաշտամունքի ատեն անիկա Ահարոնին վրայ պէտք է ըլլայ ու Տէրոջը սրբարանը մտած ու ելած ատենը անոր ձայնը պիտի լսուի, որպէս զի չմեռնի։

36 Զուտ ոսկիէ թիթեղ մը շինէ՛ ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ փորագրէ՛։ 37 Կապուտակ ժապաւէն մը անցուր անոր, որ խոյրին վրայ դրուի եւ խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմը ըլլայ։ 38 Անիկա Ահարոնին ճակատին վրայ թող ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն նուիրած բոլոր սուրբ ընծաներուն ոեւէ անօրէնութիւն Ահարոնը կրէ։ Միշտ իր ճակատին վրայ պէտք է ըլլայ, որպէս զի անոնք ընդունելի ըլլան Տէրոջը առջեւ։

39 Շապիկը բարակ քթանէ նկարէն հիւսէ՛ ու խոյրը բարակ քթանէ շինէ՛ եւ գօտին նկարազարդ շինէ՛։

40 Ահարոնի որդիներուն շապիկներ շինէ՛ ու անոնց գօտիներ շինէ՛ եւ պատիւի ու փառքի համար անոնց ապարօշներ շինէ՛։ 41 Զանոնք քու եղբօրդ Ահարոնին ու իրեն հետ իր որդիներուն հագցուր։ Զանոնք օծէ՛ եւ օրհնէ՛ ու սրբէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ 42 Անոնց կտաւէ անդրավարտիքներ շինէ՛, իրենց մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար։ Անոնց մէջքերէն մինչեւ ծունկերը պէտք է հասնին։ 43 Անոնք Ահարոնին ու անոր որդիներուն վրայ պիտի ըլլան՝ երբ վկայութեան խորանը մտնեն, կամ երբ սեղանին մօտենան սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար, որ չըլլայ թէ անօրէնութիւն կրեն ու մեռնին։ Ասիկա յաւիտենական կանոն մը ըլլայ իրեն ու իրմէ ետքը իր սերունդին»։

ԱՀԱՐՈՆԻՆ ԵՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ

(Ղեւտ. 8։1-36)

29 1 «Հետեւեալները ըրէ՛ զանոնք սրբելու համար, որպէս զի ինծի քահանայ ըլլան. արջառներէն զուարակ մը ու երկու անարատ խոյ պիտի առնես, Անխմոր հաց ու իւղով շաղուած անխմոր շօթեր եւ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պիտի առնես։ Ասոնք ցորենի բարակ ալիւրով պիտի շինես Եւ սակառի մը մէջ պիտի դնես ու զուարակն ու երկու խոյերը պիտի մօտեցնես։ Ահարոնն ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը պիտի մօտեցնես ու զանոնք ջրով պիտի լուաս։ Զգեստները պիտի առնես ու շապիկը եւ եփուտին պատմուճանը ու եփուտը եւ լանջապանակը Ահարոնին պիտի հագցնես ու եփուտին ժապաւէնովը պիտի գօտեւորես զանիկա։ Խոյրը անոր գլուխը պիտի դնես ու խոյրին վրայ՝ սուրբ պսակը։ Եւ օծման իւղը պիտի առնես ու անոր գլխուն վրայ թափելով՝ պիտի օծես զանիկա։ Անոր որդիները պիտի մօտեցնես ու անոնց շապիկներ պիտի հագցնես Եւ գօտիներով պիտի գօտեւորես զանոնք՝ այսինքն Ահարոնն ու անոր որդիները։ Անոնց գլուխը ապարօշներ պիտի փաթթես, որպէս զի քահանայութիւնը անոնցը ըլլայ յաւիտենական կանոնով։ Այսպէս պիտի օրհնես Ահարոնը ու անոր որդիները։

10 Եւ զուարակը վկայութեան խորանին առջեւ պիտի մօտեցնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ պիտի դնեն։ 11 Եւ վկայութեան խորանին դրանը քով՝ Տէրոջը առջեւ պիտի մորթես զուարակը։ 12 Եւ զուարակին արիւնէն պիտի առնես ու մատովդ սեղանին եղջիւրներուն վրայ պիտի քսես եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին տակ պիտի թափես։ 13 Եւ փորոտիքը ծածկող ճարպն ու լեարդին վրայ եղած թաղանթը եւ երկու երիկամունքը ու անոնց վրայ եղած ճարպը պիտի առնես եւ սեղանին վրայ այրես։ 14 Բայց զուարակին միսը ու անոր մորթը եւ անոր աղբը բանակին դուրսիդին կրակով պիտի այրես, որպէս մեղքի պատարագ։

15 Խոյերուն մէկը պիտի առնես եւ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։ 16 Այն խոյը պիտի մորթես ու անոր արիւնը առնես եւ սեղանին վրայ շրջանակաձեւ սրսկես։ 17 Խոյը կտոր կտոր պիտի ընես։ Անոր փորոտիքը եւ ոտքերը պիտի լուաս ու զանոնք անոր կտորներուն եւ գլխուն վրայ պիտի դնես։ 18 Բոլոր խոյը պիտի այրես սեղանին վրայ։ Այս ողջակէզը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։

19 Միւս խոյը պիտի առնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։ 20 Խոյը պիտի մորթես ու արիւնէն պիտի առնես եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր որդիներուն աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ ու անոնց աջ ոտքին մեծ մատին վրայ պիտի քսես։ Մնացած արիւնը սեղանին վրայ շրջանակաձեւ պիտի սրսկես։ 21 Եւ սեղանին վրայ եղած արիւնէն ու օծման իւղէն պիտի առնես եւ Ահարոնին վրայ ու անոր զգեստներուն վրայ եւ անոր հետ իր որդիներուն վրայ ու իր որդիներուն զգեստներուն վրայ պիտի սրսկես։ Անիկա ու անոր զգեստները եւ անոր հետ իր որդիները ու իր որդիներուն զգեստները սուրբ պիտի ըլլան։ 22 Ապա պիտի առնես իւղին ճարպն ու դմակը եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը ու երկու երիկամունքը եւ անոնց վրայ եղած ճարպը ու աջ զիստը, վասն զի այս քահանային օրհնութեան խոյն է։ 23 Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն մէկ պան հացի ու մէկ իւղով հացի շօթ եւ մէկ լաւաշ պիտի առնես 24 Եւ ամէնքը Ահարոնին ձեռքը ու անոր որդիներուն ձեռքը պիտի դնես եւ զանոնք Տէրոջը ընծայ մատուցանես։ 25 Անոնց ձեռքէն պիտի առնես զանոնք ու սեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրես Տէրոջը առջեւ անոյշ հոտի համար։ Ասիկա պատարագ մըն է Տէրոջը։ 26 Ահարոնին քահանայ ձեռնադրութեան համար պատրաստուած խոյին երբուծը պիտի առնես ու զանիկա որպէս ընծայ Տէրոջը պիտի մատուցանես։ Եւ այն քու բաժինդ պիտի ըլլայ։ 27 Ահարոնին համար ու անոր որդիներուն համար եղած քահանայի ձեռնադրութեան խոյին երերցնելու երբուծը ու բարձրացնելու զիստը պիտի սրբես։ 28 Ասիկա յաւիտենական կանոնով Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն կողմէ. վասն զի այս բարձրացնելու ընծայ է եւ պիտի ըլլայ բարձրացնելու ընծայ, Իսրայէլի որդիներէն իրենց խաղաղութեան զոհերէն բուն իրենց բարձրացնելու ընծան Տէրոջը։

29 Ահարոնին սուրբ զգեստները իրմէ ետքը իր որդիներուն պիտի ըլլան, որպէս զի անոնցմով օծուին ու անոնցմով օրհնուին։ 30 Անիկա որ իր որդիներէն իր տեղ քահանայ ըլլալով՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք կատարելու համար վկայութեան խորանը պիտի մտնէ, զանոնք եօթը օր հագնի։ 31 Քահանային օրհնութեան խոյը պիտի առնես ու անոր միսը սուրբ տեղ մը պիտի եփես։ 32 Ահարոն ու իր որդիները վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի ուտեն խոյին միսը ու սակառին մէջի հացը։ 33 Անոնք պիտի ուտեն այն բաները՝ որ իրենց ձեռնադրուելուն ու սրբուելուն համար անոնցմով քաւութիւն եղաւ։ Օտարական մը անոնցմէ պիտի չուտէ, վասն զի ասոնք սուրբ են։ 34 Եթէ ձեռնադրութեան միսէն ու հացէն մինչեւ առտու մնայ, այդ աւելցածը կրակով պիտի այրես։ Անիկա պիտի չուտուի, վասն զի սուրբ է։

35 Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն բոլոր քեզի ապսպրածիս պէս պիտի ընես։ Եօթը օրուան մէջ պիտի կատարես անոնց օրհնութիւնը։ 36 Օրը մէկ զուարակ մեղքի պատարագ պիտի ընես քաւութեան համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընելու ատենդ պիտի մաքրես զանիկա եւ սուրբ ընելու համար պիտի օծես զանիկա։ 37 Սեղանին համար եօթը օր քաւութիւն պիտի ընես ու սուրբ պիտի ընես զայն եւ սեղանը ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ինչ որ սեղանին դպչի սուրբ պիտի ըլլայ»։

ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԸՆԾԱՆԵՐ

(Թուոց 28։1-8)

38 «Սեղանին վրայ ընելու զոհդ այս է։ Ամէն օր մէկ տարեկան երկու գառներ՝ 39 Մէկ գառը առտուն պիտի մատուցանես ու միւս գառը՝ իրիկուան դէմ։ 40 Մէկ գառին հետ մէկ հիմենի քառորդ ծեծուած ձէթով շաղուած մէկ տասնորդ բարակ ալիւր եւ թափելու նուէրին համար մէկ հիմենի քառորդ մը գինի պիտի մատուցանես։ 41 Միւս գառը իրիկուան դէմ պիտի զոհես ու առտուան հացի ընծային պէս՝ անոր ըմպելի նուէրին պէս պիտի ընես։ Այս անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։ 42 Անիկա ձեր ազգերուն մէջ մշտնջենաւոր ողջակէզ պիտի ըլլայ Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դրանը քով, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ՝ քեզի հետ խօսելու համար։ 43 Հոն Իսրայէլի որդիներուն պիտի հանդիպիմ ու խորանը իմ փառքովս սուրբ պիտի ըլլայ։ 44 Վկայութեան խորանը ու սեղանը պիտի սրբեմ։ Ահարոնն ու անոր որդիներն ալ պիտի սրբեմ, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ 45 Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ 46 Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ, որ իրենց մէջ բնակելու համար Եգիպտոսի երկրէն հանեցի զանոնք։ Ես եմ իրենց Տէր Աստուածը»։

ԽՈՒՆԿ ԾԽԵԼՈՒ ՍԵՂԱՆԸ

(Ելից 37։25-28)

30 1 «Խունկ ծխելու սեղան մը շինէ՛ Սատիմի փայտէ շինէ՛ զանիկա։ Անոր երկայնութիւնը կանգուն մը ու անոր լայնութիւնը կանգուն մը, քառակուսի պիտի ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն։ Իր եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Անոր գլուխը ու անոր քովերը շրջանակաձեւ եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատէ՛ ու շրջանակաձեւ ոսկի պսակ մը շինէ՛ անոր։ Եւ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ անոր. պսակին տակէն՝ անոր երկու քովերը երկու կողմերէն շինէ՛, որպէս զի անոնք վերցուելու համար ձողերուն անցընելու տեղերը ըլլան։ Ձողերը Սատիմի փայտէ շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ Եւ զանիկա դի՛ր վկայութեանը վրայի քաւութեան առջեւ՝ վկայութեան տապանակին քով եղած վարագոյրին առջեւ, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ Ահարոն անոր վրայ անուշահոտ խունկ պիտի ծխէ։ Ամէն առտու ճրագները շտկած ատենը խունկ պիտի ծխէ։ Ահարոն իրիկուան դէմ ճրագները վառած ատենը խունկ պիտի ծխէ, որ Տէրոջը առջեւ մշտնջենական խունկ ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։ Անոր վրայ օտար խունկ, կամ ողջակէզ, կամ հացի ընծայ չմատուցանէք. ո՛չ ալ անոր վրայ նուէր թափէք։ 10 Ահարոն տարին անգամ մը անոր եղջիւրներուն վրայ քաւութիւն պիտի ընէ. անիկա քաւութիւններուն մեղքին պատարագին արիւնովը անոր վրայ քաւութիւն պիտի ընէ տարին անգամ մը ձեր ազգերուն մէջ։ Ասիկա ամենասուրբ է Տէրոջը»։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՏՈՒՐՔԸ

11 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով. 12 «Երբ Իսրայէլի որդիներուն հաշիւը առնելու ըլլաս՝ իրենց թիւին նայելով, այն ատեն անոնց ամէն մէկը իր հոգիին փրկանքը պիտի տայ Տէրոջը՝ զանոնք համրած ատենդ, որպէս զի անոնց մէջ հարուած չըլլայ երբ զանոնք համրես։ 13 Անոնք ատիկա պիտի տան. ամէն մէկը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, սրբարանին սիկղին համեմատ կէս սիկղ արծաթ պիտի տայ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։ Տէրոջը ընծան կէս սիկղ պիտի ըլլայ։ 14 Ամէն քսան տարեկանէն վեր եղողը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, այս ընծան Տէրոջը պիտի տայ։ 15 Երբ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջը ընծայ տաք՝ կէս սիկղէն ո՛չ հարուստը աւելի ու ո՛չ աղքատը պակաս պիտի տայ։ 16 Իսրայէլի որդիներէն քաւութեան արծաթը ա՛ռ ու վկայութեան խորանին պաշտօնեային տա՛ր, որպէս զի Տէրոջը առջեւ յիշատակ ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար»։

ՊՂՆՁԷ ԱՒԱԶԱՆԸ

17 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 18 «Նաեւ պղնձէ աւազան մը շինէ՛ լուացման համար ու անոր խարիսխն ալ պղնձէ ըլլայ եւ վկայութեան խորանին ու սեղանին մէջտեղ դիր զայն։ Անոր մէջ ջուր լեցո՛ւր։ 19 Ահարոնն ու իր որդիները իրենց ձեռքերը ու ոտքերը թող լուան անով։ 20 Երբ անոնք վկայութեան խորանը մտնելու ըլլան, կամ երբ սեղանին մօտենալու ըլլան՝ պաշտամունք կատարելու եւ կրակով Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար, ջրով թող լուացուին, որպէս զի չմեռնին. 21 Այսպէս իրենց ձեռքերը ու ոտքերը լուան, որպէս զի չմեռնին։ Ասիկա իրենց յաւիտենական կանոն պիտի ըլլայ, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր սերունդին՝ իրենց ազգերուն մէջ»։

ՕԾՄԱՆ ԻՒՂԸ

22 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 23 «Ա՛ռ քեզի պատուական համեմներ, զուտ զմուռս հինգ հարիւր սիկղ եւ անոր կէսին չափ՝ այսինքն երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ կինամոն ու երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ խնկեղէգն 24 Եւ հինգ հարիւր սիկղ կասիա՝ սրբարանին սիկղին համեմատ ու մէկ հիմէն ձէթ 25 Եւ սուրբ օծման իւղ պիտի ընես զայն՝ իւղագործի արհեստով բաղադրուած։ Անիկա սուրբ օծման իւղ պիտի ըլլայ։ 26 Անով պիտի օծես վկայութեան խորանը ու վկայութեան տապանակը 27 Եւ սեղանը ու անոր բոլոր անօթները եւ աշտանակը ու անոր գործիքները եւ խունկին սեղանը։ 28 Ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներով եւ աւազանը ու անոր խարիսխը։ 29 Պիտի սրբես զանոնք, որպէս զի ամենասուրբ ըլլան։ Ինչ որ անոնց դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ։ 30 Ահարոնն ու իր որդիները պիտի օծես ու սուրբ պիտի ընես զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ 31 Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. Ասիկա ինծի օծման սուրբ իւղ պիտի ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։ 32 Մարդու մարմնի վրայ պիտի չթափուի ան եւ անոր բաղադրութեանը պէս անոր նմանը չշինէք։ Ասիկա սուրբ է ու ձեզի սուրբ պիտի ըլլայ։ 33 Ով որ անոր նմանը շինէ, կամ ով որ անկէ օտարականի վրայ դնէ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։

ԽՈՒՆԿԸ

34 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի անուշահոտ համեմներ՝ այսինքն ստաշխն ու եղունգն եւ քաղբան։ Այս անուշահոտ համեմները մաքուր կնդրուկով, բոլորը հաւասար ծանրութեամբ թող ըլլան։ 35 Եւ զանոնք իւղագործի արհեստով իրարու խառնուած բաղադրութեամբ մը՝ խունկ շինէ մաքուր ու սուրբ։ 36 Անկէ քիչ մը ծեծէ՛ շատ բարակ ու վկայութեան խորանին մէջ վկայութեան առջեւ դի՛ր, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ Անիկա ձեզի ամենասուրբ պիտի ըլլայ։

37 Այն քու շինելու խունկիդ բաղադրութիւնը ձեզի համար չշինէք։ Անիկա քեզի սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը համար։ 38 Ով որ հոտոտելու համար անոր նմանը շինելու ըլլայ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ

(Ելից 35։30–36։1)

31 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ահա Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը անունովը կանչեցի։ Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով ու հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուցի զանիկա, Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիով ու արծաթով եւ պղնձով գործէ։ Գամելու համար քարեր կտրելով ու փայտեր քանդակելով եւ ամէն տեսակ գեղարուեստական գործ։ Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբը տուի անոր հետ։ Ամէն իմաստունի սրտին մէջ իմաստութիւն դրի, որպէս զի բոլոր քեզի պատուիրածներս պատրաստես։ Վկայութեան խորանը եւ վկայութեան տապանակը ու անոր վրայ եղած քաւութիւնը եւ խորանին բոլոր կարասիները Եւ սեղանը ու անոր անօթները եւ մաքուր աշտանակը իր բոլոր գործիքներով եւ խունկին սեղանը Եւ ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներովը եւ աւազանը ու անոր խարիսխը 10 Եւ պաշտամունքին զգեստները ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, քահանայութիւն ընելու համար 11 Եւ օծման իւղը ու սրբարանին համար անուշահոտ խունկը բոլոր քեզի պատուիրածիս պէս»։

ՇԱԲԱԹ՝ ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

12 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու ըսաւ. 13 «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. Անշուշտ իմ շաբաթներս պիտի պահէք. վասն զի այս նշան մըն է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ ձեր ազգերուն մէջ, որպէս զի գիտնաք թէ ձեզ սուրբ ընող Տէրը ես եմ։ 14 Ուստի շաբաթը պահեցէք. վասն զի այն ձեզի սուրբ է. ով որ զանիկա պղծէ, անշուշտ պիտի մեռնի. քանզի ամէն ով որ այն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի։ 15 Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը, հանգստութեան շաբաթը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ով որ շաբաթ օրը գործ մը գործէ, անշուշտ պիտի մեռցուի։ 16 Անոր համար Իսրայէլի որդիները պիտի պահեն շաբաթը, որպէս զի շաբաթը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական ուխտ մը ընեն։ 17 Անիկա յաւիտենական նշան մըն է իմ ու Իսրայէլի որդիներուն մէջտեղ. քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ եօթներորդ օրը դադարեցաւ ու հանգստացաւ»։

18 Երբ Սինա լերանը վրայ Մովսէսին հետ խօսիլը լմնցուց, վկայութեան երկու տախտակները տուաւ անոր, Աստուծոյ մատովը գրուած քարէ տախտակներ։

ՈՍԿԻ ՀՈՐԹԸ

(Բ. Օր. 9։6-29)

32 1 Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու, Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին. «Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ»։ Ահարոն ըսաւ անոնց. «Ձեր կիներուն, ձեր տղաքներուն եւ ձեր աղջիկներուն ականջները եղած ոսկի օղերը հանեցէ՛ք ու ինծի բերէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները եղած օղերը հանեցին եւ Ահարոնին բերին։ Անիկա առաւ անոնց ձեռքէն ու տիպով մը քանդակեց եւ ձուլածոյ հորթ մը շինեց։ Ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին»։ Եւ երբ Ահարոն տեսաւ ասիկա, անոր առջեւ սեղան մը շինեց։ Ահարոն յայտարարեց. «Վաղը տօն է Տէրոջը»։ Հետեւեալ առաւօտ կանուխ ելան ու ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհեր բերին եւ ժողովուրդը ուտելու ու խմելու նստան ու խաղալու ելան։

Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, իջի՛ր. վասն զի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի։ Իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ անոր երկրպագութիւն ըրին։ Անոր զոհեր մատուցանեցին ու ըսին. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին’»։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ես տեսայ այս ժողովուրդը եւ ահա այս խստապարանոց ժողովուրդ մըն է, 10 Ուստի հիմա զիս առանձին թողո՛ւր, որպէս զի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքի ու փճացնեմ զանոնք։ Բայց քեզ մեծ ազգ մը ընեմ»։ 11 Իսկ Մովսէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ աղաչեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ վրայ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով ու զօրաւոր ձեռքով։ 12 Ինչո՞ւ համար Եգիպտացիք խօսին ու ըսեն թէ՝ ‘Չարութեան համար հանեց զանոնք, որպէս զի լեռներուն մէջ մեռցնէ ու զանոնք երկրի երեսէն փճացնէ’։ Դարձի՛ր քու սաստիկ բարկութենէդ ու դադարէ այս չարիքը քու ժողովուրդիդ վրայ բերելէ։ 13 Յիշէ՛ քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակը ու Իսրայէլը, որոնց դուն քու անձովդ երդում ըրիր ու ըսիր անոնց. ‘Ձեր սերունդը երկնքի աստղերուն պէս պիտի շատցնեմ եւ բոլոր այս երկիրը՝ որուն վրայով խօսեցայ, ձեր սերունդին պիտի տամ ու զայն պիտի ժառանգեն յաւիտեան’»։ 14 Տէրը զղջաց այն չարիքին համար, որ ըսեր էր թէ իր ժողովուրդին պիտի ընէ։

15 Մովսէս դարձաւ ու լեռնէն իջաւ։ Վկայութեան երկու տախտակներ իր ձեռքն էին։ Տախտակներուն երկու կողմերը գրուած էին։ Թէ՛ մէկ կողմէն եւ թէ՛ միւս կողմէն գրուած էին։ 16 Տախտակները Աստուծոյ գործն էին։ Տախտակներուն վրայ Աստուած գրած էր։ 17 Երբ Յեսու պոռացող ժողովուրդին ձայնը լսեց, ըսաւ Մովսէսին. «Բանակին մէջ պատերազմի ձայն կայ»։ 18 Եւ անիկա ըսաւ. «Անիկա յաղթողներու ձայն չէ, ո՛չ ալ յաղթուածներու աղաղակի ձայն է. հապա խաղի ձայն կը լսեմ ես»։ 19 Մովսէս բանակին մօտենալով՝ հորթն ու պար բռնողները տեսածին պէս՝ բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ տախտակները իր ձեռքէն նետեց ու լերանը վարի դին կոտրտեց զանոնք։ 20 Անոնց շինած հորթը առաւ ու կրակով այրեց ու մանր փոշի ըրաւ եւ ջուրին վրայ ցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն խմցուց։

21 Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Այս ժողովուրդը ի՞նչ ըրաւ քեզի, որ անոնց վրայ այսչափ մեծ մեղք մը բերիր»։ 22 Ահարոն ըսաւ. «Թող իմ տիրոջս բարկութիւնը չբորբոքի. դուն կը ճանչնաս այս ժողովուրդը, որ չարին հակամէտ են։ 23 Ինծի ըսին՝ ‘Մեզի աստուածներ շինէ՛, որպէս զի մեր առջեւէն երթան, վասն զի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։ 24 Ես ըսի անոնց. ‘Ով որ ոսկի ունի՝ թող հանէ’։ Բերին ինծի ու ես կրակը ձգեցի զայն եւ այս հորթը ելաւ»։

25 Երբ Մովսէս ժողովուրդին անառակութիւնը տեսաւ, (քանզի Ահարոն թող տուեր էր զանոնք անառակութիւն ընելու իրենց թշնամիներուն մէջ խայտառակ ըլլալու չափ,) 26 Այն ատեն Մովսէս բանակին դուռը կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ով որ Տէրոջը կողմէն է, թող ինծի գայ»։ Ղեւիի բոլոր որդիները անոր քով հաւաքուեցան 27 Եւ ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ամէն մարդ իր սուրը թող իր մէջքը դնէ ու բանակին մէջ դռնէ դուռ անցնին դառնան։ Ամէն մարդ իր եղբայրը, ամէն մարդ իր ընկերը եւ ամէն մարդ իր դրացին մեռցնէ’»։ 28 Ղեւիին որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին։ Այն օրը ժողովուրդէն երեք հազար մարդու չափ ինկան։ 29 Քանզի Մովսէս ըսեր էր. «Այսօր տնօրինուած է որ ձեզմէ ամէն մէկը իր որդին ու իր եղբայրը Տէրոջը նուիրէ, որպէս զի ձեր վրայ օրհնութիւն գայ այսօր»։

30 Հետեւեալ օրը Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Դուք մեծ մեղք գործեցիք ու հիմա Տէրոջը պիտի ելլեմ, թերեւս քաւութիւն մը ստանամ ձեր մեղքին համար»։ 31 Եւ Մովսէս դարձաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Ո՜հ, այս ժողովուրդը մեծ մեղք մը գործեց, իրեն ոսկիէ աստուածներ շինելով, 32 Բայց հիմա եթէ անոնց մեղքերը պիտի ներես՝ ներէ, եթէ ոչ՝ կ’աղաչեմ, աւրէ՛ զիս քու գրած գրքէդ»։ 33 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գրքէս պիտի աւրեմ։ 34 Ուստի հիմա գնա՛, ժողովուրդը այն տեղը տար, որ քեզի ըսի։ Ահա իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ. բայց այցելութիւն ընելու օրս անոնց մեղքը իրենց վրայ պիտի բերեմ»։ 35 Տէրը զարկաւ ժողովուրդը, Ահարոնին ձուլած հորթը շինելնուն համար։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԹՈՂՈՒԼ ՍԻՆԱ ԼԵՌԸ

33 1 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր դուն ու ժողովուրդն ալ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր ու գնա՛ այն երկիրը, որուն համար երդում ըրի Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զայն’։ Քու առջեւէդ հրեշտակ մը պիտի ղրկեմ ու Քանանացին, Ամօրհացին, Քետացին, Փերեզացին, Խեւացին ու Յեբուսացին պիտի վռնտեմ։ Կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի ելլես. բայց ես ձեզի հետ պիտի չելլեմ, քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես. չըլլայ որ քեզ ճամբուն մէջ բնաջինջ ընեմ»։

Երբ ժողովուրդը այս չար խօսքը լսեց, սուգ ըրաւ եւ մէ՛կը իր զարդը իր վրայ չդրաւ. Վասն զի Տէրը ըսած էր Մովսէսին. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք խստապարանոց ժողովուրդ մըն էք. եթէ րոպէ մը ձեր մէջ ելլելու ըլլամ, ձեզ բնաջինջ պիտի ընեմ. ուստի հիմա ձեր վրայէն զարդերնիդ վերցուցէք, որպէս զի ձեզի ընելիքս գիտնամ’»։ Իսրայէլի որդիները իրենց զարդերը հանեցին Քորեբ լերան քով։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՆԸ

Մովսէս առաւ խորանը ու բանակին դուրսիդին՝ բանակէն հեռու կանգնեցուց զայն եւ անոր անունը «Վկայութեան Խորան» դրաւ եւ ով որ Տէրը կը խնդրէր, բանակին դուրսիդին եղած վկայութեան խորանը կ’ելլէր։ Երբ Մովսէս խորանը կ’երթար, բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր ու ամէն մէկը իր վրանին դուռը կը կայնէր ու Մովսէսին ետեւէն կը նայէր, մինչեւ անիկա խորանը մտնէր։ Մովսէս խորանը մտածին պէս ամպի սիւնը կ’իջնէր ու խորանին դուռը կը կայնէր եւ Տէրը Մովսէսին հետ կը խօսէր։ 10 Բոլոր ժողովուրդը կը տեսնէր, որ ամպի սիւնը խորանին դուռը կը կայնէր ու բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր եւ ամէն մէկը իր վրանին դուռը երկրպագութիւն կ’ընէր։ 11 Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի ու Մովսէս նորէն բանակը կը դառնար, բայց անոր ծառան, Նաւէի որդին Յեսու պատանին, խորանին մէջէն չէր հեռանար։

ՏԷՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԸԼԼԱԼ

12 Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Նայէ՛, դուն կ’ըսես ինծի՝ ‘Հանէ՛ այս ժողովուրդը’. բայց դուն ինծի չգիտցուցիր թէ ո՞վ ինծի հետ պիտի ղրկես։ Բայց ըսիր՝ ‘Քեզ անունովդ կը ճանչնամ ու նաեւ իմ առջեւս շնորհք գտար’։ 13 Ուստի հիմա կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ ու միտքդ բեր որ այս ազգը քու ժողովուրդդ է»։ 14 Անիկա ըսաւ. «Իմ ներկայութիւնս քեզի հետ պիտի երթայ ու քեզ պիտի հանգստացնեմ»։ 15 Եւ Մովսէս ըսաւ անոր. «Եթէ քու ներկայութիւնդ մեզի հետ չերթայ, մեզ այս տեղէն մի՛ հաներ։ 16 Քանզի ինչո՞վ պիտի գիտցուի թէ ես ու քու ժողովուրդդ քու առջեւդ շնորհք գտանք, եթէ ո՛չ՝ քու մեզի հետ երթալովդ։ Այսպէս ես ու քու ժողովուրդդ երկրի երեսին վրայ եղած բոլոր ժողովուրդներէն պիտի զատուինք»։

17 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այս բանն ալ պիտի ընեմ, որ դուն ըսիր, վասն զի իմ առջեւս շնորհք գտար ու ես քեզ անունովդ կը ճանչնամ»։ 18 Մովսէս ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քու փառքդ ցուցուր ինծի»։ 19 Տէրը ըսաւ. «Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցընեմ ու Տէրոջը անունը քու առջեւդ պիտի կանչեմ եւ որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։ 20 Ու աւելցուց. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ»։ 21 Եւ Տէրը ըսաւ. «Ահա քովս տեղ մը կայ ու ժայռին վրայ կայնէ. 22 Եւ երբ իմ փառքս անցնելու ըլլայ՝ քեզ ժայռին խոռոչին մէջ դնեմ ու քեզ իմ ձեռքովս ծածկեմ, մինչեւ որ ես անցնիմ. 23 Ետքը իմ ձեռքս պիտի վերցնեմ ու իմ ետիս պիտի տեսնես. բայց իմ երեսս պիտի չտեսնուի»։

ՔԱՐԷ ՏԱԽՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴԸ

(Բ. Օր. 10։1-5)

34 1 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի երկու քարէ տախտակներ կոփէ առաջուաններուն պէս ու այն տախտակներուն վրայ պիտի գրեմ առաջուան տախտակներուն վրայի խօսքերը, որոնք դուն կոտրտեցիր։ Առտուն պատրաստ եղիր ու Սինա լեռը ելի՛ր, հոն լերան գլուխը առջեւս կայնէ։ Մէ՛կը պիտի չելլէ քեզի հետ եւ մէ՛կը պիտի չտեսնուի բոլոր լերանը վրայ, ո՛չ ալ այդ լերանը ստորոտը ոչխար կամ արջառ պիտի արածուի»։

Մովսէս առաջուաններուն պէս երկու քարէ տախտակներ կոփեց ու առտուն կանուխ ելաւ ու Տէրոջը իրեն պատուիրածին պէս Սինա լեռը գնաց։ Երկու քարէ տախտակները իր ձեռքը առաւ։ Տէրը ամպով իջաւ ու հոն անոր քով կեցաւ, Տէրոջը անունը կանչեց։ Տէրը անոր առջեւէն անցաւ ու աղաղակեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, Հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով»։ Մովսէս աճապարելով մինչեւ գետինը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ, թող իմ Տէրս մեզի հետ երթայ. վասն զի ասիկա խստապարանոց ազգ մըն է եւ ներէ՛ մեր անօրէնութիւնը ու մեր մեղքերը եւ մեզ քու ժառանգորդները ըրէ»։

ՈՒԽՏԸ ԿԸ ՆՈՐՈԳՈՒԻ

(Ելից 23։14-19, Բ. Օր. 7։1-5, 16։1-17)

10 Տէրը ըսաւ. «Ահա ես ուխտ մը կ’ընեմ։ Քու բոլոր ժողովուրդիդ առջեւ այնպիսի սքանչելիքներ պիտի ընեմ, որ բոլոր երկրի վրայ ու բոլոր ազգերու մէջ եղած չեն։ Բոլոր ժողովուրդը, որուն մէջ ես դուն, պիտի տեսնեն Տէրոջը գործը, քանզի հիանալի է այն բանը, որ քեզի պիտի ընեմ։ 11 Միտքդ պահէ ինչ որ ես քեզի կը պատուիրեմ այսօր։ Ահա պիտի վռնտեմ քու առջեւէդ Ամօրհացին ու Քանանացին եւ Քետացին ու Փերեզացին եւ Խեւացին ու Յեբուսացին։ 12 Զգուշացիր քու անձիդ, չըլլայ թէ քու երթալու երկրիդ բնակիչներուն հետ ուխտ ընես, չըլլայ որ անիկա քու մէջդ որոգայթ ըլլայ։ 13 Անոնց բագինները կործանեցէք ու անոնց կուռքերը փշրեցէք։ Անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք։ 14 Վասն զի ուրիշ Աստուծոյ երկրպագութիւն պէտք չէ ընես, քանզի Եհովան Նախանձոտ կը կոչուի եւ նախանձոտ Աստուած է։ 15 Չըլլայ որ այն երկրին բնակիչներուն հետ ուխտ ընես եւ անոնք իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին ու իրենց աստուածներուն զոհ ըրած ատեննին քեզ կանչեն ու դուն անոնց զոհէն ուտես։ 16 Եւ չըլլայ որ անոնց աղջիկներէն քու որդիներուդ կին առնես ու անոնց աղջիկները իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին քու որդիներուդ ալ պոռնկութիւն ընել տան՝ իրենց աստուածներուն ետեւէն քալեցնելով։ 17 Քեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շիներ։

18 Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. Ապիպ ամսուան որոշ ժամանակի մէջ, քեզի պատուիրածիս պէս, եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես. վասն զի Ապիպ ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։

19 Ամէն մօրը արգանդը բացողը իմս է, նոյնպէս քու անասուններուդ ամէն արու առջինեկը, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, իմս է։ 20 Բայց իշուն առջինեկը գառնուկով փրկէ՛ եւ եթէ չփրկես, այն ատեն անոր վիզը պէտք է կտրես։ Քու որդիներուդ ամէն առջինեկը փրկէ՛ ու մէ՛կը իմ առջեւս ձեռնունայն չերեւնայ։

21 Վեց օր պիտի գործես ու եօթներորդ օրը հանգստանաս. թէ՛ վարուցանի եւ թէ՛ հնձելու ատեն հանգստանաս։

22 Շաբաթներուն, այսինքն ցորենի հունձքին երախայրիներուն տօնը ու տարուան վերջը՝ արմտիքները հաւաքելու տօնը բռնէ՛։

23 Ձեր ամէն արու զաւակը տարին երեք անգամ Իսրայէլի Աստուծոյն, Եհովա Տէրոջը, առջեւ թող երեւնայ։ 24 Վասն զի քու առջեւէդ ազգերը պիտի վռնտեմ եւ քու սահմաններդ պիտի ընդարձակեմ։ Տարին երեք անգամ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ։

25 Իմ զոհերս խմորեալ հացով պէտք չէ նուիրես ու զատկի տօնին զոհը մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։ 26 Քու երկրիդ երախայրիներուն առաջինները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է բերես։

Ուլը իր մօրը կաթին մէջ պէտք չէ եփես»։

27 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գրէ՛ այս խօսքերը. վասն զի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի»։ 28 Մովսէս հոն կեցաւ Տէրոջը հետ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր։ Ո՛չ հաց կերաւ, ո՛չ ալ ջուր խմեց։ Տախտակներուն վրայ ուխտին խօսքերը գրեց, այսինքն տասը պատուիրանքները։

ՄՈՎՍԷՍ ՍԻՆԱ ԼԵՌՆԷՆ Կ’ԻՋՆԷ

29 Երբ Մովսէս լեռնէն իջաւ, վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Մովսէս իր երեսին մորթին լուսափայլ ըլլալը չէր գիտեր, երբ Տէրը իրեն հետ խօսեցաւ։ 30 Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր որդիները տեսան Մովսէսը։ Անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր, ուստի անոր մօտենալու վախցան։ 31 Բայց Մովսէս կանչեց զանոնք։ Ահարոն ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները դարձան անոր ու Մովսէս խօսեցաւ անոնց հետ։ 32 Անկէ ետքը Իսրայէլի բոլոր որդիները մօտեցան։ Պատմեց անոնց ամէն ինչ որ Տէրը խօսեր էր իրեն Սինա լեռը։ 33 Մովսէս մինչեւ անոնց հետ խօսիլը լմնցնելը՝ իր երեսը քօղ դրաւ։ 34 Բայց Մովսէս Տէրոջը առջեւ, անոր հետ խօսելու մտած ատենը, մինչեւ դուրս ելլելը քօղը կը վերցնէր, ետքը դուրս կ’ելլէր ու իրեն պատուիրուածը Իսրայէլի որդիներուն կը յայտնէր։ 35 Իսրայէլի որդիները Մովսէսին նայեցան տեսան թէ՝ անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր։ Մովսէս իր երեսը քօղով կը ծածկէր, մինչեւ Անոր հետ խօսելու մտնելը։

ՇԱԲԱԹԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

35 1 Մովսէս հաւաքեց բոլոր Իսրայէլի որդիները ու ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն բաները, որոնք Տէրը պատուիրեց, որ ընէք։ Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը սուրբ պիտի ըլլայ ձեզի, այսինքն հանգստութեան շաբաթ Տէրոջը։ Այն օրը գործ գործողը պիտի մեռցուի։ Շաբաթ օրը ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ կրակ պիտի չվառէք»։

Ս. ԽՈՐԱՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐ

(Ելից 25։1-9)

Մովսէս խօսեցաւ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. «Տէրոջը պատուիրած բանը այս է. ‘Ձեր մէջէն ընծայ առէ՛ք Տէրոջը։ Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը ընծայ բերէ, ոսկի ու արծաթ եւ պղինձ Ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան ու այծի մազ Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու թէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր Ու լոյսի համար իւղ եւ օծման իւղի ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ Եւ եղնգնաքարեր ու եփուտին համար եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ

(Ելից 39։32-43)

10 Ձեր մէջ ամէն սրտով իմաստուն եղողները թող գան ու Տէրոջը բոլոր պատուիրած բաները շինեն՝ 11 Խորանը, անոր վրանը ու անոր ծածկոցը, անոր ճարմանդները ու անոր տախտակները, անոր նիգերը, անոր սիւները եւ անոր խարիսխները, 12 Տապանակն ու ձողերը, քաւութիւնն ու ծածկող վարագոյրը, 13 Սեղանն ու անոր ձողերն ու բոլոր անօթները, առաջաւորութեան հացը 14 Եւ լոյսի աշտանակն ու անոր գործիքները եւ անոր ճրագներն ու լոյսի իւղը 15 եւ խունկին սեղանն ու անոր ձողերը ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկը ու խորանին դրան վարագոյրը, 16 Ողջակէզին սեղանն ու անոր պղնձէ ցանցակերպ կասկարան, անոր ձողերն ու բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը, 17 Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրան վարագոյրը, 18 Խորանին ցիցերն ու սրահին ցիցերն ու անոնց չուանները, 19 Պաշտամունքին զգեստները՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք ընելու համար եւ Ահարոն քահանային սուրբ զգեստներն ու անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն’»։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐ ԸՆԾԱՆԵՐԸ ԿԸ ԲԵՐԷ

20 Եւ Իսրայէլի բոլոր որդիները Մովսէսին առջեւէն անցան։ 21 Յօժարասիրտ եղողներն ու բոլոր հոգիով կամեցողները եկան ու վկայութեան խորանին գործին համար եւ անոր բոլոր պաշտամունքին համար ու սուրբ զգեստներուն համար Տէրոջը ընծայ բերին։ 22 Եկան այրեր ու կիներ, որչափ որ սրտով կամեցող կային ու ճարմանդներ եւ օղեր ու մատանիներ եւ մանեակներ, ամէն տեսակ ոսկի զարդեր բերին։ Ամէն ընծայ բերող ոսկի ընծայ բերաւ Տէրոջը։ 23 Անոնք, որոնց քով կը գտնուէր կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան եւ այծի մազ ու կարմիր ներկուած խոյի մորթեր եւ թէհաշի մորթեր՝ բերին։ 24 Ով որ կրնար արծաթ ու պղինձ ընծայ տալ՝ Տէրոջը ընծայ բերաւ։ Որու քով որ պաշտամունքին պիտանի Սատիմի փայտեր կը գտնուէին՝ բերաւ։ 25 Ամէն սրտով իմաստուն եղող կիները իրենց ձեռքերովը մանեցին ու իրենց մանած կապուտակը, ծիրանեգոյնը, կրկնակի կարմիրն ու բարակ քթանը բերին։ 26 Եւ բոլոր սրտով փափաքող եւ մանելու կարողութիւն ունեցող կիները այծի մազ մանեցին։ 27 Իշխանները եղնգնաքարեր ու եփուտին եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր բերին, 28 Նաեւ լոյսի ու օծման իւղի եւ անուշահոտ խունկի համար՝ համեմներ ու իւղ բերին։ 29 Իսրայէլի որդիները յօժարակամ ընծայ բերին Տէրոջը։ Ամէն մարդ ու կին, որոնք յօժարութիւն ունէին բերելու, ոեւէ գործի համար, որ Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած էր, բերին։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ԳՈՐԾԱՒՈՐՆԵՐԸ

(Ելից 31։1-11)

30 Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին որդիներուն. «Ահա Տէրը Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը կանչեց։ 31 Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուց զանիկա, 32 Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիի ու արծաթի եւ պղնձի վրայ բանի 33 Եւ գամելու համար քարեր բանելով ու փայտեր քանդակելով՝ ամէն կերպ արուեստի գործ ընէ։ 34 Եւ անոր սրտին մէջ սորվեցնելու կարողութիւնը դրաւ։ Անորն ալ ու Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբին ալ։ 35 Սրտի իմաստութիւնով լեցուց զանոնք, որպէս զի ամէն տեսակ գործեր եւ հնարքներ, քանդակագործի ու արուեստի գործեր, նաեւ կապուտակի ու ծիրանեգոյնի եւ կրկնակի կարմիրի եւ բարակ քթանի վրայ նկարագործողի եւ ոստայնանկի գործը ընեն»։

36 1 Այն ատեն Բեսելիէլն ու Ոողիաբը եւ ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ սրբարանին պաշտամունքին գործերը ընելու եղանակը գիտնալու համար, Տէրոջը բոլոր պատուիրածին պէս գործեցին։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՇԱՏ ԸՆԾԱՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ

Մովսէս կանչեց Բեսելիէլն ու Ոողիաբն ու ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց սրտին մէջ Տէրը իմաստութիւն դրաւ, այսինքն այն ամէնքը՝ որոնց սիրտը կը փափաքէր գործի մօտենալ։ Անոնք Մովսէսէն առին բոլոր ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները բերին սրբարանին պաշտամունքը անոնցմով ընելու համար։ Անոնք տակաւին կը շարունակէին ամէն առտու կամաւոր ընծաներ բերել։

Սրբարանին գործերը կատարող բոլոր իմաստուն մարդիկը՝ ամէն մէկը իր նախասիրած գործին եկաւ։ Եւ խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ժողովուրդը աւելի կը բերէ, քան՝ որչափ պէտք է Տէրոջը պատուիրած բաները շինելու համար»։ Մովսէս պատուիրեց քարոզ կարդալ բանակին մէջ. «Ալ ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ կին սրբարանին ընծայ թող չբերէ»։ Այսպէս ժողովուրդը ընծայ բերելէն դադարեցան։ Բերուած նիւթերը բոլոր գործը շինելու համար բաւեցին ու աւելցան ալ։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 26։1-37)

Խորանը շինողներէն բոլոր սրտով իմաստուն եղողները մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ եւ ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ տասը վարագոյր շինեցին. զանոնք վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեցին։ Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը քսանըութը կանգուն ու մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն էր։ Բոլոր վարագոյրներուն չափը նոյնն էր։ 10 Հինգ վարագոյրը իրարու կցեց, միւս հինգ վարագոյրն ալ իրարու կցեց։ 11 Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակէ օղակներ շինեց. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս ըրաւ։ 12 Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինեց եւ միւս կցուածքին վրայ եղած վարագոյրին ծայրն ալ յիսուն օղակ շինեց։ Օղակները դէմ դիմաց էին։ 13 Յիսուն հատ կարթաձեւ ոսկի ճարմանդներ շինեց ու վարագոյրները ճարմանդներով իրարու հետ կոճկեց։ Այնպէս որ խորանը միակտուր եղաւ։

14 Խորանին վրայի վրանին համար այծի մազէ վարագոյրներ շինեց։ Տասնըմէկ հատ վարագոյր շինեց։ 15 Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը չորս կանգուն ըլլալով՝ տասնըմէկ վարագոյրին չափը նոյնն էր։ 16 Հինգ վարագոյրները՝ զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցեց։ 17 Կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ ու միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինեց։ 18 Յիսուն հատ կարթաձեւ պղնձէ ճարմանդներ շինեց, որպէս զի վրանը կոճկէ ու միակտուր ըլլայ։ 19 Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոց մը ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը շինեց։

20 Եւ խորանին համար Սատիմի փայտէ կանգնած տախտակներ շինեց։ 21 Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն եւ մէկ տախտակին լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ 22 Ամէն մէկ տախտակ իրարու յարմարող երկերկու ագուցիկ ծայր ունէր։ Խորանին բոլոր տախտակները նոյնպէս ըրաւ։ 23 Խորանին տախտակները այսպէս շինեց՝ դէպի հարաւ՝ անոր հարաւային կողմին համար քսան տախտակ շինեց։ 24 Քսան տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ, այսինքն մէկ տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ շինեց։ 25 Խորանին միւս կողմին համար դէպի հիւսիս քսան տախտակ շինեց։ 26 Անոնց քառասուն արծաթ խարիսխ, մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինեց։ 27 Խորանին ետեւի կողմին համար դէպի արեւմուտք վեց տախտակ շինեց։ 28 Խորանին ետեւի կողմի անկիւններուն համար երկու տախտակ շինեց։ 29 Անոնք վարէն կը միանային ու վերէն ալ օղակով մը կը միանային։ Երկուքին ալ երկու անկիւնները նոյնպէս ըրաւ։ 30 Այսպէս ութ տախտակ էին։ Անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց հատ էին։ Ամէն մէկ տախտակի տակ երկու խարիսխ։ 31 Սատիմի փայտէ նիգեր շինեց։ Եւ խորանին մէկ կողմի տախտակներուն համար հինգ 32 Ու խորանին միւս կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ եւ խորանին դէպի արեւմուտք եղած ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ։ 33 Մէջտեղի նիգը այնպէս շինեց, որ տախտակներուն մէջտեղէն մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը անցնի։ 34 Տախտակները ոսկիով պատեց ու անոնց օղակները ոսկիէ շինեց՝ նիգերուն տեղեր ըլլալու համար։ Նիգերն ալ ոսկիով պատեց։

35 Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց վարագոյրը. վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեց զանիկա։ 36 Սատիմի փայտէ չորս սիւն շինեց անոր ու ոսկիով պատեց զանոնք. անոնց ճանկերը ոսկի էին։ Անոնց չորս արծաթ խարիսխ ձուլեց։ 37 Խորանին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարազարդ դրան վարագոյր մը շինեց։ 38 Անոր հինգ սիւներ ու անոնց ճանկեր շինեց եւ անոնց խոյակներն ու անոնց կապերը ոսկիով պատեց։ Անոնց հինգ խարիսխները պղնձէ էին։

ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 25։10-22)

37 1 Եւ Բեսելիէլ Սատիմի փայտէ շինեց տապանակը. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու անոր լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն եւ անոր բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ Ներսէն ու դուրսէն զուտ ոսկիով պատեց զանիկա եւ անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ Եւ անոր չորս անկիւններուն համար չորս ոսկի օղակներ ձուլեց, այսինքն անոր մէկ կողմէն երկու օղակ՝ միւս կողմէն երկու օղակ։ Սատիմի փայտէ ձողեր շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ Եւ ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով տապանակը վերցուի։

Եւ քաւութիւնը զուտ ոսկիէ շինեց. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ Երկու ոսկիէ քերովբէներ շինեց։ Զանոնք կռածոյ շինեց քաւութեան երկու ծայրերը։ Մէկ քերովբէն մէկ քովի ծայրը ու միւս քերովբէն միւս քովի ծայրը։ Քաւութեան երկու քերովբէները երկու ծայրերը շինեց։ Քերովբէները իրենց թեւերը վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը կը ծածկէին։ Անոնց երեսները իրարու կը նայէին։ Քերովբէներուն երեսները քաւութեան վրայ էին։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ՀԱՑԻՆ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 25։23-30)

10 Սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն եւ բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ 11 Զուտ ոսկիով պատեց զայն ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ 12 Անոր բոլորտիքն ալ չորս մատնաչափ սպառուած մը ու սպառուածին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ 13 Չորս ոսկի օղակ ձուլեց անոր համար ու օղակները անոր չորս ոտքերուն քով չորս անկիւնները դրաւ։ 14 Օղակները սպառուածին քով՝ սեղանը վերցնելու համար ձողերուն տեղերն էին։ 15 Սեղանը վերցնելու համար ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ 16 Սեղանին վրայ եղած անօթները, անոր սկուտեղներն ու խնկամանները եւ նուէր մատուցանելու գաւաթներն ու բաժակները զուտ ոսկիէ շինեց։

ԱՇՏԱՆԱԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 25։31-40)

17 Աշտանակը զուտ ոսկիէ շինեց։ Կռածոյ շինեց աշտանակը։ Անոր բունը ու ճիւղերը, անոր սկահակները, գնդակներն ու ծաղիկները իրմէ էին։ 18 Անոր կողմերէն վեց ճիւղեր կ’ելլէին։ Աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ ու աշտանակին միւս կողմէն՝ երեք ճիւղ։ 19 Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս էին։ 20 Աշտանակին վրայ գնդակներով ու ծաղիկներով չորս նշաձեւ սկահակներ կային։ 21 Անկէ ելած վեց ճիւղերուն նայելով՝ երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը ու երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը կային։ 22 Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ էին։ Բոլորը միասին զուտ ոսկիէ կռածոյ էին։ 23 Անոր եօթը ճրագները եւ ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ շինեց։ 24 Զանիկա իր բոլոր գործիքներովը մէկ տաղանդ զուտ ոսկիէ շինեց։

ԽՈՒՆԿ ԾԽԵԼՈՒ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 30։1-5)

25 Խունկի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ կանգուն մը ու լայնութիւնը՝ կանգուն մը, քառակուսի ըլլալով։ Անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն էր. անոր եղջիւրները իրմէ էին։ 26 Անոր վրայ ու շրջանակին կողմերը եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատեց։ Բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ 27 Անոր համար անոր շրջանակին տակէն՝ անոր երկու կողմերը երկու ոսկի օղակներ շինեց ձողերուն համար, որպէս զի անոնցմով վերցուին։ 28 Ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։

ՕԾՄԱՆ ԻՒՂԻՆ ԵՒ ԽՈՒՆԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 30։22-38)

29 Սուրբ օծման իւղը ու մաքուր անուշահոտ խունկը շինեց իւղագործի վարպետութեամբ։

ԶՈՀԻ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 27։1-8)

38 1 Ողջակէզի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն՝ քառակուսի էր։ Անոր բարձրութիւնը երեք կանգուն։ Անոր եղջիւրները չորս անկիւններուն վրայ շինեց։ Եղջիւրները իրմէ էին ու պղնձով պատեց զայն։ Սեղանին բոլոր գործիքները՝ այսինքն թաղարներն ու թիակները ու կոնքերը եւ մսահաններն ու կրակի ամանները՝ շինեց։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինեց։ Սեղանին համար անոր շրջանակին տակէն՝ գրեթէ մէջտեղը՝ պղնձէ ցանցակերպ կասկարայ մը շինեց։ Պղնձէ կասկարային չորս անկիւնները չորս օղակներ ձուլեց ձողերուն համար։ Ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք պղնձով պատեց։ Ձողերը սեղանին կողմը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով վերցուի։ Զանիկա տախտակներով շինեց ու մէջը դատարկ։

ՊՂՆՁԷ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 30։18)

Պղնձէ աւազանը ու անոր պղնձէ խարիսխը վկայութեան խորանին դուռը խումբերով հաւաքուող կիներուն հայելիներէն շինեց։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ

(Ելից 27։9-19)

Սրահը շինեց հարաւային կողմին համար։ Սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ էին եւ հարիւր կանգուն։ 10 Անոնց սիւները քսան ու անոնց պղնձէ խարիսխները քսան էին։ Սիւներուն ճանկերը ու անոնց կապերը արծաթէ էին։ 11 Հիւսիսային կողմին համար վարագոյրները հարիւր կանգուն էին։ Անոնց քսան սիւները ու քսան խարիսխները պղնձէ էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։ 12 Արեւմտեան կողմին համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։ Անոնց սիւները տասը ու խարիսխները տասն էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։ 13 Արեւելեան կողմին համար վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։ 14 Դրանը մէկ կողմին վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։ 15 Միւս կողմին համար ալ, այսինքն սրահին դրանը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։ 16 Սրահին բոլոր վարագոյրները շուրջանակի մանուած բարակ քթանէ էին։ 17 Սիւներուն խարիսխները պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու սրահին բոլոր սիւներն ալ արծաթէ կապերով էին։ 18 Սրահին դրանը վարագոյրը նկարագործ էր, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ. երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն եւ լայնութեանը մէջի բարձրութիւնը, սրահին վարագոյրներուն համեմատ, հինգ կանգուն էր։ 19 Անոնց սիւները չորս ու անոնց պղնձէ խարիսխները չորս էին։ Անոնց ճանկերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու կապերը արծաթ էին։ 20 Խորանին ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ էին։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ՄԵՏԱՂՆԵՐ

21 Ասիկա է խորանին, այսինքն վկայութեան խորանին հաշիւը, որ Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ Ղեւտացիներուն պաշտամունքին համար Ահարոն քահանային որդի Իթամարին ձեռքով հաշուըուեցաւ։ 22 Յուդային ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլ ըրաւ այն ամէնը, որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ 23 Վարպետ քանդակագործը, կապուտակով ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիրով ու բարակ քթանով նկարագործողը, Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբ, անոր հետ էր։

24 Այս շինուածքին համար գործածուած բոլոր ոսկին, այսինքն սրբարանին բոլոր շինուածքին նուիրուած ոսկին, սրբարանին սիկղին համեմատ, քսանըինը տաղանդ ու եօթը հարիւր երեսուն սիկղ էր։ 25 Ժողովէն համրուողներուն արծաթը, սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր տաղանդ ու հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ էր։ 26 Քսան տարեկանէն վեր համրուելու համար անցնողներէն ամէն մէկը պէգա մը, այսինքն սրբարանին սիկղին համեմատ, կէս սիկղ տուաւ, վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն մարդիկ անցան։ 27 Սրբարանին խարիսխները ու վարագոյրին խարիսխները ձուլելու համար հարիւր տաղանդ հաշուելով՝ հարիւր տաղանդէն հարիւր խարիսխ շինուեցաւ։ 28 Հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ արծաթով սիւներուն ճանկերը շինեց ու անոնց խոյակները պատեց եւ զանոնք կապեց։ 29 Նուիրուած պղինձը եօթանասուն տաղանդ ու երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր։ 30 Անով վկայութեան խորանին դրանը խարիսխներն ու պղնձէ սեղանը եւ անոր պղնձէ կասկարան ու սեղանին բոլոր գործիքները 31 Եւ շուրջանակի սրահին խարիսխներն ու սրահին դրանը խարիսխները եւ խորանին բոլոր ցիցերն ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը շինեց։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐՈՒՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 28։1-14)

39 1 Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ շինեցին պաշտամունքի հանդերձները, սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար։ Ահարոնին համար սուրբ զգեստներ շինեցին, Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս։

Եփուտը շինեց ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։ Ոսկին ծեծելով բարակ թիթեղներ շինեցին եւ թելեր կտրեցին, որպէս զի կապուտակին, ծիրանեգոյնին եւ կրկնակի կարմիրին ու բարակ քթանին հետ վարպետութեամբ գործեն։ Կոճկուող վակասներ շինեցին անոր, այսինքն եփուտին, որ երկու ծայրէն կը կոճկուէր։ Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը նոյն նիւթէն էր. անոր գործին համեմատ, ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ էր՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։

Ոսկի խորշերու մէջ եղնգնաքարեր գամեցին ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները կնիք փորագրելու պէս՝ փորագրեցին։ Զանոնք եփուտին ուսերուն վրայ դրաւ, որպէս զի յիշատակի քարեր ըլլան Իսրայէլի որդիներուն, Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։

ԼԱՆՋԱՊԱՆԱԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 28։15-30)

Եւ լանջապանակը ճարտարութեամբ եփուտին գործին պէս ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց։ Քառակուսի, երկուքի ծալլուող, լանջապանակը՝ մէկ թիզ երկայնութեամբ ու մէկ թիզ լայնութեամբ, երկուքի ծալլուող։ 10 Անոր վրայ չորս կարգ քարեր գամեցին։ Առաջին կարգը՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ։ 11 Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ էր։ 12 Երրորդ կարգն էր գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։ 13 Չորրորդ կարգն էր ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկի խորշերու մէջ գամուած էին։ 14 Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն համեմատ, անոնց անուններուն պէս, տասներկու էին։ Իւրաքանչիւրին անունը՝ տասներկու ցեղերուն համեմատ՝ կնիք փորագրողի գործով փորագրուած էր։ 15 Լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինեցին։ 16 Երկու ոսկի խորշ ու երկու ոսկի օղակ շինեցին։ Երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերը դրին։ 17 Լանջապանակին ծայրերը եղած երկու օղակներուն անցուցին երկու ոսկիէ հիւսուած շղթաներ։ 18 Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը երկու խորշերուն անցուցին ու ասոնք եփուտին ուսերուն վրայ՝ անոր առջեւի կողմը դրին։ 19 Ուրիշ երկու ոսկի օղակներ ալ շինեցին եւ զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն եփուտին կցուած եզերքին երկու ծայրերը դրին։ 20 Ուրիշ երկու օղակներ ալ շինեցին ու զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուցին։ 21 Լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեցին, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլայ ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։

ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐՈՒ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

(Ելից 28։31-43)

22 Եփուտին պատմուճանը ոստայնանկի գործով բոլորովին կապուտակէ շինեց։ 23 Պատմուճանին մէջտեղը զրահի ճեղքուածքին պէս ճեղքուածք մը կար ու ճեղքուածքին բոլորտիքը հիւսուած եզերք ունէր, որպէս զի չպատռի։ 24 Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նուռեր շինեցին։ 25 Զուտ ոսկիէ զանգակներ շինեցին ու զանոնք նուռերուն մէջտեղը, պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի նուռերուն մէջ դրին։ 26 Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի զանգակ մը ու նուռ մը կար, պաշտամունքի համար՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։

27 Ահարոնին ու անոր որդիներուն համար բարակ քթանէ ոստայնանկի գործ՝ շապիկներ շինեցին։ 28 Եւ խոյրը բարակ քթանէ ու հանդէսի ապարօշները բարակ քթանէ ու կտաւեղէն անդրավարտիքները մանուած բարակ քթանէ 29 Եւ գօտին մանուած բարակ քթանէ, կապուտակէ, ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նկարագործ շինեցին՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։

30 Սուրբ պսակին թիթեղը զուտ ոսկիէ շինեցին ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ գրեցին։ 31 Անոր կապուտակ ժապաւէն մը անցուցին, որպէս զի վերէն խոյրին վրայ դրուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։

ԳՈՐԾԻՆ ԼՐԱՑՈՒՄԸ

(Ելից 35։10-19)

32 Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, բոլոր գործը լմնցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այնպէս ըրին։ 33 Խորանը Մովսէսին բերին՝ վրանը ու անոր բոլոր գործիքները, անոր ճարմանդները, անոր տախտակները, անոր նիգերը եւ անոր սիւներն ու խարիսխները 34 Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոցն ու թէհաշի մորթերէ եղած ծածկոցը եւ ծածկող վարագոյրը, 35 Վկայութեան տապանակն ու անոր ձողերը եւ քաւութիւնը, 36 Սեղանն ու անոր բոլոր անօթները եւ առաջաւորութեան հացը, 37 Զուտ ոսկիէ աշտանակը իր ճրագներովը, այսինքն կարգաւ դրուած ճրագներովն ու իր բոլոր գործիքներովը եւ լոյսի իւղը 38 Եւ ոսկի սեղանն ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկն ու խորանին դրանը վարագոյրը, 39 Պղնձէ սեղանն ու անոր կասկարան, անոր ձողերը եւ անոր բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը, 40 Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրանը վարագոյրը, անոր չուաններն ու ցիցերը եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, պաշտամունքին համար եղած բոլոր կարասիները, 41 Սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար՝ հանդերձներն ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն։ 42 Այն ամենուն պէս, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այսպէս լրացուցին Իսրայէլի որդիները բոլոր գործը։

43 Մովսէս բոլոր շինուածքին նայեցաւ եւ ահա Տէրոջը պատուիրածին պէս շինած էին։ Մովսէս օրհնեց զանոնք։

ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ

40 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Առաջին ամսուան առաջին օրը կանգնեցուր խորանը, այսինքն վկայութեան վրանը Եւ անոր մէջ դի՛ր վկայութեան տապանակը ու վարագոյրով ծածկէ՛ զայն։ Սեղանը ներս բե՛ր ու անոր վրայ շարուելու հարցերը շարէ՛ եւ աշտանակը ներս բե՛ր ու անոր ճրագները վառէ՛։ Վկայութեան տապանակին առջեւ դի՛ր խունկին ոսկի սեղանը ու խորանին վարագոյրը դի՛ր։ Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին դրանը առջեւ ողջակէզի սեղանը դի՛ր։ Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դի՛ր աւազանը ու անոր մէջ ջուր դի՛ր։ Շուրջանակի սրահը կանգնեցո՛ւր ու սրահին դրանը վարագոյրը դի՛ր։ Օծման իւղը ա՛ռ ու խորանը եւ անոր մէջ եղած ամէն բաները օծէ՛ եւ զանիկա ու անոր ամէն անօթները սրբէ՛, որպէս զի սուրբ ըլլան։ 10 Ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները օծէ՛, ու սեղանը՝ սրբէ՛ եւ սեղանը ամենասուրբ թող ըլլայ։ 11 Աւազանը ու անոր խարիսխը օծէ՛ ու սրբէ՛ զանիկա։ 12 Ահարոնը ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը մօտեցո՛ւր ու զանոնք ջրով լուա՛։ 13 Ահարոնին հագցո՛ւր սուրբ զգեստները ու օծէ՛ զանիկա եւ սրբէ՛ զանիկա, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։ 14 Անոր որդիներն ալ մօտեցո՛ւր ու անոնց շապիկներ հագցո՛ւր։ 15 Անոնց հայրը օծածիդ պէս օծէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ Անոնց օծումը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական քահանայութեան համար թող ըլլայ»։

16 Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ։ 17 Երկրորդ տարին, առաջին ամսուան առաջին օրը, խորանը կանգնուեցաւ։ 18 Մովսէս կանգնեցուց խորանը ու անոր խարիսխները դրաւ եւ անոր տախտակները կանգնեցուց ու անոր նիգերը անցուց ու սիւները կանգնեցուց։ 19 Խորանին վրայ տարածեց վրանը ու վերէն վրանին ծածկոցը անոր վրայ դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 20 Վկայութիւնը առաւ ու տապանակին մէջ դրաւ եւ ձողերը տապանակին վրայ անցուց ու վերէն տապանակին վրայ քաւութիւնը դրաւ։ 21 Տապանակը խորանին մէջ բերաւ ու ծածկող վարագոյրը դրաւ եւ վկայութեան տապանակը ծածկեց՝ ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 22 Վկայութեան վրանին մէջ, խորանին հիւսիսային կողմը, վարագոյրին դուրսիդին դրաւ սեղանը։ 23 Անոր վրայ հացերը շարեց Տէրոջը առջեւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 24 Վկայութեան վրանին մէջ, սեղանին դէմ, խորանին հարաւային կողմը դրաւ աշտանակը։ 25 Տէրոջը առջեւ ճրագները վառեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 26 Վկայութեան վրանին մէջ վարագոյրին առջեւ դրաւ ոսկի սեղանը 27 Եւ անոր վրայ անուշահոտ խունկ ծխեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 28 Խորանին դրանը վարագոյրը դրաւ։ 29 Եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, դրանը քով ողջակէզին սեղանը դրաւ ու անոր վրայ ողջակէզը ու հացի ընծան մատուցանեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 30 Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դրաւ աւազանը եւ անոր մէջ լուացուելու համար ջուր դրաւ։ 31 Մովսէս ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերն ու ոտքերը անկէ կը լուային։ 32 Վկայութեան վրանը մտած ատեննին եւ սեղանին մօտենալու ատեննին կը լուացուէին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 33 Խորանին ու սեղանին բոլորտիքը սրահը կանգնեցուց եւ սրահին դրանը վարագոյրը դրաւ։ Այսպէս Մովսէս բոլոր գործը լմնցուց։

ԱՄՊԸ ՏԷՐՈՋԸ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

34 Ամպ մը ծածկեց վկայութեան վրանը եւ Տէրոջը փառքը լեցուց խորանը։ 35 Մովսէս չէր կրնար մտնել վկայութեան վրանը վասն զի ամպը անոր վրայ կը կենար ու Տէրոջը փառքը լեցուցեր էր խորանը։ 36 Իսրայէլի որդիները իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ՝ երբ ամպը խորանին վրայէն վերնար, այն ատեն կը չուէին։ 37 Եթէ ամպը չվերնար, մինչեւ անոր վերնալու օրը չէին չուեր։ 38 Քանզի ցորեկը Տէրոջը ամպը խորանին վրայ էր եւ գիշերը անոր վրայ կրակ կար, Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ՝ իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ։