ԳԻՐՔ ՅՈԲԱՅ

ԳԻՐՔ ՅՈԲԱՅ

ՍԱՏԱՆԱՆ ՅՈԲԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ

1 1 Հուս երկրին մէջ Յոբ անունով մարդ մը կար։ Այն մարդը կատարեալ ու արդար եւ աստուածավախ էր ու չարութենէ ետ կը քաշուէր։ Անոր եօթը տղայ ու երեք աղջիկ ծնան։ Անոր ստացուածքը եօթը հազար ոչխար ու երեք հազար ուղտ եւ հինգ հարիւր մատակ էշ էր ու խիստ շատ ծառաներ ունէր։ Այն մարդը բոլոր արեւելքցիներէն մեծ էր։

Անոր տղաքը կ’երթային ու ամէն մէկը իր օրը տուներնին հացկերոյթ կ’ընէին եւ մարդ ղրկելով երեք քոյրերնին կը հրաւիրէին, որպէս զի իրենց հետ ուտեն ու խմեն։ Երբ հացկերոյթին օրերը կը լմննային, Յոբ կանչել կու տար զանոնք ու կը սրբէր եւ առտուն կ’ելլէր՝ անոնց ամենուն թիւովը ողջակէզներ կը մատուցանէր. որովհետեւ կ’ըսէր Յոբ. «Կարելի է տղաքս մեղք գործեցին ու սրտերնուն մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին»։ Միշտ այսպէս կ’ընէր Յոբ։

Արդ՝ օր մը՝ Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ կայնելու։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։ Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր վրայ պտըտելէն»։ Տէրը ըսաւ Սատանային. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։ Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ։ 10 Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։ 11 Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ 12 Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ իրեն վրայ ձեռք չերկնցնես»։ Այն ժամանակ Սատանան Տէրոջը առջեւէն գնաց։

ՅՈԲԻՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՍՈՒԵՑԱՆ

13 Օր մը Յոբին տղաքն ու աղջիկները իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին։ 14 Պատգամաբեր մը եկաւ Յոբին ու ըսաւ. «Երբ եզները կը հերկէին ու մատակ էշերը անոնց քով կ’արածուէին, 15 Սեբայեցիները յարձակեցան ու զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։ 16 Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ ու հօտերը եւ ծառաները այրեց ու զանոնք սպառեց եւ միայն ես ազատեցայ եւ եկայ որ քեզի պատմեմ»։ 17 Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիները երեք գունդի բաժնուած՝ ուղտերուն վրայ յարձակեցան եւ զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։ 18 Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երբ տղաքդ ու աղջիկներդ իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին, 19 Ահա անապատէն մեծ հով մը եկաւ ու այնպէս զարկաւ տանը, որ անոնց վրայ փլաւ ու անոնք մեռան։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։

20 Այն ատեն Յոբ ելաւ, իր պատմուճանը պատռեց եւ գլխուն մազերը կտրեց ու գետինը իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ 21 Ու ըսաւ. «Մօրս արգանդէն մերկ ելայ ու հոն մերկ պիտի դառնամ։ Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը»։ 22 Այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ։

ՍԱՏԱՆԱՆ ԿՐԿԻՆ ՅՈԲԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ

2 1 Ուրիշ օր մը Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։ Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր մէջ պտըտելէն»։ Տէրը Սատանային ըսաւ. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ։ Անիկա տակաւին իր կատարելութեանը մէջ հաստատ է, թէեւ դուն ուզեցիր զիս համոզել, որ անիկա զուր տեղը կորսնցնեմ»։ Սատանան պատասխան տուաւ ու Տէրոջը ըսաւ. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ։ Բայց հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ Տէրը ըսաւ Սատանային «Ահա զանիկա քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ անոր կեանքը պահէ»։

Սատանան գնաց Տէրոջը առջեւէն ու Յոբը՝ ոտքին թաթէն մինչեւ գագաթը՝ գէշ պալարներով զարկաւ։ Անիկա խեցիի կտոր մը առաւ, որպէս զի անով քերուի ու մոխիրի մէջ նստաւ։

Անոր կինը ըսաւ անոր. «Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։ 10 Յոբ ըսաւ անոր. «Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք»։ Այս ամենուն մէջ Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց։

ՅՈԲԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ

11 Յոբին երեք բարեկամները, Եղիփազ Թեմանացին, Բաղդատ Սօքեցին ու Սոփար Նաամացին, երբ լսեցին անոր գլխուն եկած բոլոր փորձութիւնները, ամէն մէկը իր տեղէն ելլելով եկան ու մէկտեղ հաւաքուեցան, որպէս զի երթան ցաւակից ըլլան անոր ու զանիկա մխիթարեն։ 12 Հեռուէն աչքերնին վերցնելով տեսան, բայց չճանչցան զանիկա եւ ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Ամէն մէկը իր պատմուճանը պատռելով՝ դէպի երկինք իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին։ 13 Անոր հետ եօթը օր ու եօթը գիշեր գետնի վրայ նստան։ Մէ՛կը անոր խօսք մը չըսաւ, քանզի տեսան որ անոր ցաւը խիստ սաստիկ էր։

ՅՈԲԻՆ ՏՐՏՈՒՆՋԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

3 1 Յոբ իր բերանը բացաւ ու իր օրը անիծեց։ Յոբ խօսեցաւ ու ըսաւ.

«Կորսուի այն օրը, որուն մէջ ես ծնայ,

Այն գիշերը, որուն մէջ ըսին թէ ‘Արու զաւակ մը ծնաւ’։

 Այն օրը խաւար ըլլայ

Ու Աստուած չփնտռէ զանիկա վերէն

Ու երբեք լոյս չծագի անոր վրայ։

 Խաւարն ու մահուան շուքը իրենց սեփականացնեն զանիկա,

Ամպը ծածկէ զանիկա,

Օրուան մթութիւնը վախցնէ զանիկա։

 Այն գիշերը մառախուղը պաշարէ.

Անիկա տարուան օրերուն հետ չմիաւորուի

Ու ամիսներուն մէջ չհամրուի։

 Ահա այն գիշերը թող ամայի մնայ

Ու անոր մէջ ուրախութեան ձայն չմտնէ։

 Օրը անիծողները թող անիծեն զանիկա,

Որոնք պատրաստ են վիշապը արթնցնելու։

 Անոր գիշերուան աստղերը աղօտանան.

Լոյսին սպասէ ու չունենայ.

Արշալոյսին ճառագայթները չտեսնէ.

10 Վասն զի մօրս արգանդին դռները չգոցեց

Ու տառապանքը աչքերէս չծածկեց։

11 Ինչո՞ւ համար մօրս արգանդին մէջ չմեռայ

Ու որովայնէն ելածիս պէս չկորսուեցայ։

12 Ինչո՞ւ ծունկերը ընդունեցին զիս

Ու ինչո՞ւ ստինք տուին ինծի, որ ես ծծեմ։

13 Վասն զի հիմա պառկած կը հանգչէի ու կը քնանայի.

Այն ժամանակ հանգստացած կ’ըլլայի՝

14 Իրենց համար աւերակներ շինող

Երկրի թագաւորներուն ու խորհրդականներուն հետ,

15 Կամ ոսկի ունեցող իշխաններուն հետ,

Որոնք տուներնին արծաթով կը լեցնէին.

16 Կամ թէ գաղտուկ վիժածի մը պէս կ’ոչնչանայի,

Այն երախաներուն պէս՝ որոնք երբեք լոյս չտեսան։

17 Հոն չարերը մարդ տանջելէն կը դադարին

Եւ հոն ուժէ ինկածները կը հանգստանան։

18 Նմանապէս բանտարկեալները հոն կը հանգչին

Ու ա՛լ չեն լսեր հարկապահանջին ձայնը։

19 Պզտիկն ու մեծը հոն են,

Ծառան իր տիրոջմէն ազատ է։

20 Ինչո՞ւ համար թշուառութեան մէջ եղողին՝ լոյս

Ու դառնահոգիներուն կեանք տրուի,

21 Որոնք մահուան կը սպասեն ու անիկա չի գար

Ու պահուած գանձերէն աւելի զանիկա կը փնտռեն.

22 Գերեզմանը գտած ժամանակնին

Խիստ ուրախ կ’ըլլան ու կը ցնծան։

23 Ինչո՞ւ կեանք կը տրուի այնպիսի մարդու մը, որուն ճամբան գոցուած է

Ու Աստուած շրջապատած է զանիկա ամէն կողմէն։

24 Որովհետեւ կերակուր ուտելէս առաջ իմ հեծութիւնս կու գայ

Ու իմ աղաղակներս ջուրերու պէս կը հոսին։

25 Վասն զի ի՛նչ բանէ որ շատ կը վախնայի, ան ինծի հանդիպեցաւ

Եւ ի՛նչ բանէ որ երկիւղ ունէի, ա՛ն ինծի հասաւ։

26 Ո՛չ խաղաղութիւն ունիմ, ո՛չ հանգստութիւն

Եւ ո՛չ հանդարտութիւն. բայց թշուառութիւնը իմ վրաս կու գայ»։

ԱՌԱՋԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

(4։1–14։21)

4 1 Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխան տուաւ ու ըսաւ.

 «Պիտի վշտանա՞ս արդեօք՝ եթէ սկսինք քեզի խօսիլ։

Բայց ո՞վ կրնայ զինք զսպել, որ չխօսի։

 Ահա դուն շատերուն խրատ տուիր

Ու տկար ձեռքերը զօրացուցիր։

 Քու խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին

Ու դուն տկարացած ծունկերը կազդուրեցիր.

 Բայց հիմա այս փորձանքը քեզի պատահեցաւ ու դժուարացար.

Քեզի դպաւ ու բոլորովին շփոթեցար։

 Միթէ աստուածպաշտութիւնը քու յոյսդ չէ՞

Ու ճամբաներուդ ուղղութիւնը՝ քու ակնկալութիւնդ։

 Աղէ՜, մի՛տքդ բեր. ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ

Եւ ո՞ւր արդարները բնաջինջ եղան։

 Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները

Եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն։

 Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին

Ու անոր ռնգունքին արտաշնչումէն բնաջինջ կ’ըլլան։

10 Անիկա կը խափանէ առիւծին մռնչիւնը եւ մռնչող առիւծին ձայնը

Ու կորիւններուն ակռաները կը կոտրտուին։

11 Առիւծը առանց որսի կը կորսուի

Ու մատակ առիւծին կորիւնները կը ցրուին։

12 Ինծի գաղտուկ կերպով խօսք մը ըսուեցաւ

Ու անոր շշունչը ականջս հասաւ։

13 Գիշերուան տեսիլքներուն արհաւիրքը

Քունի մէջ թմրած մարդուն վրայ կ’իջնէ։

14 Վրաս այնպիսի վախ մը ու դող մը եկաւ,

Որ բոլոր ոսկորներս ցնցեց։

15 Առջեւէս ոգի մը անցաւ

Ու մարմնիս մազերը փուշ փուշ եղան։

16 Անիկա կայնեցաւ, բայց ես չկրցայ զանազանել անոր կերպարանքը.

Աչքերուս առջեւ երեւոյթ մը կար։

Լռութիւն եղաւ ու ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր.

17 «Միթէ մարդը Աստուծոյ առջեւ արդար կրնա՞յ ըլլալ,

Մարդը Արարիչէն աւելի մաքուր կրնա՞յ ըլլալ»։

18 Ահա անիկա իր ծառաներուն չի հաւատար։

Իր հրեշտակներուն վրայ պակասութիւն կը գտնէ։

19 Ալ ո՞ւր կը մնան անոնք, որ կաւեղէն տուներու մէջ կը բնակին,

Որոնց հիմը փոշիին մէջ է եւ որոնք ցեցէն առաջ կը ճզմուին։

20 Անոնք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը ճնշուին

Ու առանց մէկուն իմանալուն կը կորսուին յաւիտեան։

21 Ահա անոնց վրայ եղած փառաւորութիւնը կը վերցուի։

Անոնք կը մեռնին առանց իմաստուն ըլլալու»։

5 1 «Հիմա աղաղակէ՛։ Քեզի պատասխան տուող մը կա՞յ արդեօք

Ու սուրբերէն որո՞ւն պիտի դարձնես քու երեսդ։

 Ստոյգ է, որ բարկութիւնը յիմարը կը սպաննէ

Ու նախանձը անմիտը կը մեռցնէ։

 Ես յիմարին արմատանալը տեսայ,

Բայց շուտով անոր բնակութիւնը անիծեցի։

 Անոր որդիները ապահովութենէ հեռու են.

Անոնք դրանը մէջ կը կոխկռտուին

Եւ ազատող մը չի գտնուիր։

 Անօթի եղողը կ’ուտէ անոր հունձքը

Ու զանիկա փուշերու մէջէն կը յափշտակէ

Ու աւարառուն կը կլլէ անոնց ստացուածքը։

 Թէեւ չարիքը հողէն չ’ելլեր

Ու թշուառութիւնը գետնէն չի բուսնիր.

 Բայց մարդը թշուառութեան համար կը ծնանի,

Ինչպէս կրակի կայծերը վեր կը թռչին։

 Իսկ ես Աստուծոյ պիտի դիմէի,

Իմ գործս Աստուծոյ պիտի յանձնէի,

 Որ այնպիսի մեծ ու անքննելի բաներ կ’ընէ,

Անհամար սքանչելիքներ կ’ընէ, որոնք կարելի չէ համրել։

10 Անիկա երկրի վրայ անձրեւ կու տայ

Ու դաշտերուն վրայ ջուրեր կը ղրկէ։

11 Նաեւ ցածերը կը բարձրացնէ

Ու սգաւորները ապահովութեան կը հասցնէ։

12 Անիկա խորամանկներուն խորհուրդները կը ցրուէ,

Որպէս զի ձեռքերնին կարող չըլլան իրենց գործերը գլուխ հանել։

13 Իմաստունները իրենց խորամանկութեանը մէջ կը բռնէ

Ու նենգաւորներուն խորհուրդը շուտով կը խափանէ։

14 Ցորեկը մութի կը բռնուին

Ու կէսօրին գիշերուան պէս խարխափելով կը քալեն։

15 Բայց աղքատը սուրէն, անոնց բերնէն

Ու հզօրին ձեռքէն կ’ազատէ։

16 Այսպէս աղքատը յոյս կ’ունենայ,

Իսկ անօրէնը իր բերանը կը գոցէ։

17 Ահա երանելի է այն մարդը, որ Աստուած կը խրատէ։

Ուրեմն Ամենակարողին յանդիմանութիւնը մի՛ անարգեր.

18 Վասն զի ինք կը վիրաւորէ ու կը փաթթէ.

Կը զարնէ ու իր ձեռքերը կը բժշկեն։

19 Վեց նեղութիւններէ քեզ պիտի ազատէ

Ու եօթներորդին՝ քեզի չարիք պիտի չդպչի։

20 Սովի ժամանակ քեզ մահուանէ պիտի ազատէ

Ու պատերազմին մէջ՝ սուրին ձեռքէն

21 Լեզուի խարազանէն ապահով պիտի ըլլաս,

Երբ կործանումը գայ անկէ պիտի չվախնաս.

22 Կործանումին ու սովին վրայ պիտի ծիծաղիս

Ու երկրի գազաններէն պիտի չվախնաս։

23 Քանզի դաշտի քարերուն հետ դաշինք պիտի կնքես

Ու դաշտի գազանները քեզի հետ խաղաղութեամբ պիտի վարուին։

24 Ու պիտի գիտնաս թէ վրանիդ մէջ յաջողութիւն կայ

Եւ քու բնակարանէդ բա՛ն մը պակաս պիտի չգտնես։

25 Եւ պիտի գիտնաս թէ քու զաւակներդ շատուոր են

Ու քու սերունդդ երկրի խոտերուն պէս պիտի ըլլան։

26 Աղէկ մը ծերացած՝ գերեզմանը պիտի մտնես,

Ցորենի խուրձերուն պէս՝ որոնք ժամանակին կը դիզուին։

27 Ահա մենք այս բանը քննեցինք։

Շիտակ է.

Մտիկ ըրէ՛ անոր ու քու օգտիդ համար ճանչցիր զանիկա»։

6 1 Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ.

 «Երանի՜ թէ իմ տրտմութիւնս աղէկ կշռուէր

Ու իմ թշուառութիւնս մէկտեղ կշիռքի մէջ դրուէր։

 Քանզի հիմա անիկա ծովուն աւազէն ծանր կ’ըլլայ.

Անոր համար իմ խօսքերս կը հատնին։

 Որովհետեւ Ամենակարողին նետերը իմ ներսիդիս են,

Որոնց թոյնը իմ հոգիս կը ծծէ։

Աստուծոյ արհաւիրքները ինծի դէմ պատերազմելու շարուած են։

 Միթէ վայրենի էշը խոտին քով կը զռնչէ՞.

Կամ եզը իր մսուրին քով կը բառաչէ՞.

 Անհամ բանը առանց աղի կ’ուտուի՞.

Հաւկիթին ճերմկուցին մէջ համ կա՞յ արդեօք։

 Այն բաները, որոնց սիրտս չէր ուզեր դպչիլ,

Իմ զազրելի կերակուրս եղան։

 Երանի՜ թէ ուզածս կատարուէր

Ու տար Աստուած այն բանը, որուն կը սպասէի,

 Այսինքն Աստուած զիս ճնշել ուզէր

Ու ձեռքը երկնցնելով զիս կործանէր։

10 Բայց տակաւին մխիթարութիւն պիտի ունենամ

Եւ անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ,

Քանզի ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ։

11 Ոյժս ի՞նչ է որ դիմանամ

Ու վախճանս ի՞նչ է, որ կեանքս երկնցնեմ։

12 Միթէ իմ ոյժս քարերո՞ւ ոյժ է,

Կամ թէ մարմինս պղնձեղէ՞ն է։

13 Չէ՞ որ օգնութենէ զուրկ եմ

Ու ձեռնտուութիւնը հեռացած է ինձմէ։

14 Ան որ բարեկամի մը օգնութիւնը կը հեռացնէ,

Ամենակարողին վախը կը մերժէ։

15 Իմ եղբայրներս հեղեղներու պէս խաբեցին զիս,

Ձորերու հեղեղատներու պէս՝ որոնք կ’անցնին.

16 Որոնք սառէն պղտորած են,

Երբ անոնց մէջ ձիւնը կը ծածկուի.

17 Տաքը տեսածնուն պէս կը հալին,

Խիստ տաք ատեն իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան։

18 Կարաւանները իրենց ճամբան կը դարձնեն,

Բայց դատարկ ելլելով՝ կը կորսուին.

19 Թեմայի կարաւանները նայեցան,

Սաբայի ճամբորդները անոնց յուսացին.

20 Երբ կը յուսային՝ ամչցան,

Երթալու ատեն կարմրեցան։

21 Արդարեւ ինծի անօգուտ եղաք,

Թշուառութիւն տեսաք ու սոսկացիք։

22 Ես ձեզի ըսի՞՝ «Ինծի բերէք

Ու ձեր ստացուածքէն ընծայ տուէք ինծի։

23 Կամ՝ զիս թշնամիին ձեռքէն ազատեցէք

Ու բռնաւորներուն ձեռքէն զիս փրկեցէք»։

24 Սորվեցուցէք ինծի, որ լուռ կենամ

Ու հասկցուցէք ինծի, թէ ի՞նչ բանի մէջ սխալեր եմ։

25 Ուղիղ խօսքերը որչա՜փ զօրաւոր են.

Բայց ձեր յանդիմանութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

26 Ձեր կշտամբող խօսքերը զիս չեն կրնար լռեցնել

Եւ ոչ ալ ձեր խօսքերուն պիտի անսամ։

27 Մանաւանդ որբին համար որոգայթ կը լարէք

Ու ձեր բարեկամին համար հոր կը փորէք։

28 Հիմա հաճեցէք ինծի նայիլ։

Սուտ կը խօսի՞մ ձեր առջեւ։

29 Դարձէ՛ք, կ’աղաչեմ, որ անիրաւութիւն չըլլայ։

Այո՛, դարձէ՛ք, քանզի ասով իմ արդարութիւնս կը յայտնուի։

30 Միթէ իմ լեզուիս վրայ անիրաւութիւն կա՞յ.

Միթէ իմ քիմքս չար բաները չի՞ կրնար զանազանել»։

7 1 «Միթէ մարդս երկրի վրայ պատերազմի ասպարէզ չունի՞

Եւ անոր օրերը վարձկանի մը օրերուն պէս չե՞ն։

 Ինչպէս ծառան իրիկուան շուքին կը փափաքի

Ու վարձկանը իր վարձքին կ’սպասէ,

 Այնպէս ունայնութեան ամիսներ բաժին տրուած են

Ու թշուառութեան գիշերներ ինծի համար որոշուած են։

 Պառկած ատենս կ’ըսեմ. ‘Ե՞րբ պիտի ելլեմ

Ու գիշերը ե՞րբ պիտի անցնի’։

Մինչեւ արշալոյս անհանգստութեամբ լեցուած եմ։

 Մարմինս որդերով ու հողի կոշտերով ծածկուած է։

Մորթս կը ճեղքուի ու կը հալի։

 Օրերս ոստայնանկին կկոցէն արագ կ’անցնին

Ու կը սպառին առանց յոյսի։

 Յիշէ՛ թէ կեանքս հովի պէս է.

Աչքս ասկէ յետոյ բարիք պիտի չտեսնէ։

 Զիս տեսնողին աչքերը նորէն զիս պիտի չտեսնեն։

Քու աչքերդ իմ վրաս կը նային ու ես բնաջինջ կ’ըլլամ։

 Ինչպէս ամպը կը ցրուի կ’երթայ,

Այնպէս գերեզմանը իջնողը պիտի չելլէ.

10 Անիկա ա՛լ իր տունը պիտի չդառնայ

Ու իր բնակարանը ա՛լ զանիկա պիտի չճանչնայ։

11 Ուստի ես իմ բերանս պիտի չզսպեմ.

Հոգիիս նեղութիւնովը պիտի խօսիմ,

Սրտիս դառնութիւնովը պիտի գանգատիմ։

12 Միթէ ես ծո՞վ եմ, կամ կէ՞տ,

Որ իմ վրաս պահապաններ կը դնես։

13 Երբ ես կ’ըսեմ՝ ‘Անկողինս զիս պիտի մխիթարէ

Ու մահիճս իմ գանգատներս պիտի պակսեցնէ’,

14 Զիս երազներով կը վախցնես

Ու ցնորքներով կը զարհուրեցնես։

15 Ուստի աւելի կ’ընտրեմ խեղդուիլ ու մեռնիլը,

Քան թէ իմ ոսկորներուս պահպանուիլը։

16 Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ։

Ինձմէ ե՛տ կեցիր, վասն զի իմ օրերս ունայնութիւն են։

17 Մարդը ո՞վ է, որ դուն զանիկա մեծ բան մը կը համարես

Ու անոր հոգ կը տանիս։

18 Ամէն առտու զանիկա կը դիտես,

Ամէն վայրկեան կը փորձես։

19 Մինչեւ ե՞րբ ինձմէ ետ պիտի չկենաս.

Թուքս կլլելու չա՞փ ալ թող չես տար։

20 Եթէ մեղանչեմ, քեզի ի՞նչ ընեմ,

Ո՛վ մարդիկը Քննող

Ինչո՞ւ համար զիս քու նշանակէտդ ըրիր ու ես ինծի բեռ եղայ։

21 Եւ ինչո՞ւ մեղքս չես ներեր

Ու իմ անօրէնութիւնս չես վերցներ։

Հիմա հողին մէջ պիտի պառկիմ

Ու առաւօտուն եթէ զիս փնտռես՝ պիտի չգտնուիմ»։

8 1 Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.

 «Մինչեւ ե՞րբ այդպէս պիտի խօսիս

Ու բերնիդ խօսքերը սաստիկ հովի պէս պիտի ըլլան։

 Միթէ Աստուած դատաստանը կը խափանէ՞։

 Եթէ քու տղաքդ անոր դէմ մեղանչեր են,

Ան ալ իրենց յանցանքին մատնած է զանոնք,

 Եթէ դուն առտուները կանուխ Աստուած կը փնտռես

Ու Ամենակարողէն շնորհք կը խնդրես,

 Եթէ դուն մաքուր ու շիտակ ըլլաս,

Անշուշտ անիկա քեզի համար պիտի արթննայ

Ու քու արդարութեանդ բնակարանին յաջողութիւն պիտի տայ։

 Թէեւ քու սկիզբդ փոքր ըլլայ,

Բայց քու վերջդ խիստ պիտի մեծնայ։

 Հիմա հարցուր հին ազգերուն

Ու անոնց հայրերը քննելու ուշադրութիւն ըրէ՛

 (Վասն զի մենք երէկուաններն ենք ու բան մը չենք գիտեր.

Քանզի մեր կեանքը երկրի վրայ ստուեր մըն է)։

10 Ահա անոնք քեզի պիտի սորվեցնեն, քեզի պիտի խօսին

Ու իրենց սրտէն խօսքեր պիտի հանեն։

11 Միթէ պրտուն առանց տիղմի կը բուսնի՞.

Կնիւնը առանց ջուրի կ’աճի՞։

12 Անիկա դեռ իր դալար վիճակին մէջ ու չկտրտուած

Ամէն խոտէ առաջ կը չորնայ։

13 Այսպէս պիտի ըլլայ բոլոր անոնց ճամբան, որոնք Աստուած կը մոռնան

Ու կեղծաւորին յոյսը պիտի կորսուի.

14 Վասն զի անոր յոյսը պիտի կտրուի

Ու անոր վստահութիւնը սարդի ոստայնին պէս պիտի ըլլայ։

15 Անիկա իր տանը պիտի կռթնի,

Բայց ան հաստատութիւն պիտի չունենայ.

Իր ձեռքովը զանիկա պիտի բռնէ

Բայց ան կանգնած պիտի չմնայ։

16 Արեւը չծագած դալար է

Ու անոր ճիւղերը իր եղած պարտէզէն վեր կ’ելլեն։

17 Անոր արմատները քարակոյտին կը փաթթուին,

Ինք քարերուն մէջ կ’ապրի։

18 Եթէ մէկը զանիկա իր տեղէն խլէ,

Տեղը պիտի ուրանայ զանիկա՝ ըսելով թէ՝ ‘Ես քեզ չտեսայ’։

19 Ահա անոր ճամբուն ուրախութիւնը այս է

Ու հողէն ուրիշներ պիտի ելլեն։

20 Ահա Աստուած արդար մարդը չի մերժեր,

Ո՛չ ալ չարերուն ձեռնտու կ’ըլլայ,

21 Մինչեւ որ քու բերանդ ծիծաղով լեցնէ

Ու շրթունքներդ ուրախութեան ձայնով։

22 Քեզ ատողները ամօթով պիտի ծածկուին

Ու ամբարիշտներուն վրանը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։

9 1 Յոբ պատասխանեց.

 «Իրաւցնէ այնպէս ըլլալը գիտեմ

Ու մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։

 Եթէ անոր հետ վիճաբանիլ ուզէ,

Հազարէն մէկը չի կրնար անոր պատասխան տալ։

 Անիկա սրտով իմաստուն եւ ուժով կարող է.

Ո՞վ անոր դէմ իր սիրտը խստացուցեր ու յաջողութիւն գտեր է։

 Անիկա լեռները կը տեղափոխէ ու անոնք չեն գիտնար։

Իր բարկութիւնովը զանոնք կը տապալէ։

 Երկիրը իր տեղէն կը շարժէ

Ու անոր սիւները կը դողան։

 Արեւին հրաման կ’ընէ ու անիկա չի ծագիր

Ու աստղերը կը կնքէ։

 Ինք մինակը երկինքը կը տարածէ

Ու ծովուն ալիքներուն վրայ կը քալէ։

 Անիկա ըրաւ Արջը, Հայկն ու Բազմաստեղը

Ու հարաւի շտեմարանները։

10 Անիկա անքննելի մեծագործուներ

Ու անթիւ սքանչելիքներ կ’ընէ։

11 Ահա անիկա քովէս կ’անցնի ու ես չեմ տեսներ։

Յառաջ կ’անցնի ու չեմ իմանար։

12 Եթէ յափշտակէ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել։

Ո՞վ կարող է ըսել անոր՝ ‘Ի՞նչ կ’ընես’։

13 Աստուած իր բարկութիւնը ետ չի դարձներ

Ու հպարտ օգնականները անոր տակ կը խոնարհին։

14 Ո՞ւր մնաց որ ես անոր պատասխան տամ

Ու անոր դէմ վիճելու համար խօսքեր ընտրեմ։

15 Թէեւ արդար ալ ըլլամ, պատասխան պիտի չտամ.

Իմ դատաւորէս շնորհք պիտի խնդրեմ։

16 Եթէ ես զանիկա կանչէի ու ինծի պատասխան ալ տար,

Պիտի չհաւատայի թէ անիկա իմ ձայնս լսած է։

17 Որովհետեւ փոթորիկով զիս ճնշեց

Ու առանց պատճառի իմ վէրքերս աւելցուց։

18 Զիս չի թողուր որ շունչ առնեմ,

Հապա դառնութեամբ զիս կը լեցնէ։

19 Եթէ զօրութիւն փնտռուի, ահա անիկա զօրաւոր է,

Իսկ՝ եթէ արդարութիւն՝ ո՞վ զիս ատեանը պիտի կանչէ։

20 Եթէ անձս արդարացնեմ, իմ բերանս զիս կը դատապարտէ.

Եթէ զիս անմեղադրելի երեւցնեմ, զիս յանցաւոր կը հանէ։

21 Եթէ զիս կատարեալ երեւցնեմ, իմ անձս չեմ ճանչնար,

Իմ կեանքս կ’արհամարհեմ։

22 Ամէնը մէկ է. անոր համար ըսի թէ

Անիկա արդարն ու ամբարիշտը մէկտեղ բնաջինջ կ’ընէ։

23 Եթէ հարուածը յանկարծ մեռցնէ,

Անիկա անմեղին պատահած փորձութեանը վրայ կը ծիծաղի։

24 Երկիրը ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ։

Աստուած անոր դատաւորներուն երեսը կը ծածկէ։

Եթէ ոչ՝ ո՞վ է անիկա։

25 Արդ՝ իմ օրերս սուրհանդակէն արագ են,

Փախան առանց բարութիւն տեսնելու։

26 Արագագնաց նաւերու պէս՝

Որսի վրայ յարձակող արծիւի պէս կ’անցնին։

27 Եթէ ըսեմ՝ ‘Գանգատս մոռնամ,

Տրտմութիւնս ձգեմ ու զուարթ ըլլամ’,

28 Բոլոր թշուառութիւններէս կը վախնամ.

Գիտեմ թէ զիս անմեղ պիտի չհամարես

29 Ու ամբարիշտ պիտի սեպուիմ։

Ինչո՞ւ համար զուր տեղը աշխատիմ։

30 Եթէ ձիւնի ջրով լուացուիմ

Ու ձեռքերս մաքրութիւնով սրբեմ,

31 Այն ժամանակ զիս փոսը կ’ընկղմես

Ու հանդերձս պիտի զզուի ինձմէ,

32 Վասն զի ինծի պէս մարդ չէ, որ անոր պատասխան տամ

Ու մէկտեղ դատաստանի երթանք։

33 Միջնորդ դատաւոր մը չկայ մեր մէջ,

Որ կարենայ իր ձեռքը մեր երկուքին վրայ դնել։

34 Թող իր գաւազանը վրայէս վերցնէ

Ու անոր երկիւղը ա՛լ զիս չզարհուրեցնէ,

35 Այն ատեն պիտի խօսիմ ու անկէ պիտի չվախնամ.

Բայց եղած վիճակիս մէջ ես իմ անձիս տէրը չեմ»։

10 1 «Հոգիս կեանքէս ձանձրացաւ։

Համարձակ պիտի գանգատիմ,

Հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ.

 Պիտի ըսեմ Աստուծոյ. «Մի՛ դատապարտեր զիս,

Յայտնէ ինծի թէ ի՛նչ բանի համար ինծի հետ կը վիճիս.

 Քեզի աղէ՞կ կ’երեւնայ որ զիս կը հարստահարես

Ու քու ձեռքերուդ գործը կ’արհամարհես

Եւ ամբարիշտներուն խորհուրդին լոյս կու տաս։

 Միթէ դուն մարմնաւո՞ր աչքեր ունիս.

Մարդուն տեսածի՞ն պէս կը տեսնես։

 Միթէ քու օրերդ մարդուն օրերուն պէ՞ս են,

Քու տարիներդ մարդուն տարիներուն չա՞փ են,

 Որ դուն իմ յանցանքներս կը փնտռես

Ու մեղքս կը քննես։

 Գիտես որ յանցաւոր չեմ,

Բայց չկայ մէկը, որ քու ձեռքէդ ազատէ զիս։

 Քու ձեռքերդ զիս ստեղծեցին

Ու իմ բոլոր անդամներս կազմեցին

Ու զիս բնաջի՞նջ կ’ընես։

 Կ’աղաչե՛մ, յիշէ թէ զիս կաւի պէս շինեցիր

Ու հիմա զիս հո՞ղ պիտի դարձնես։

10 Չէ՞ որ զիս կաթի պէս թափեցիր

Ու պանիրի պէս թանձրացուցիր։

11 Զիս մորթով ու մսով հագուեցուցիր

Ու զիս ոսկորներով ու ջիղերով հինեցիր.

12 Ինծի կեանք եւ ողորմութիւն շնորհեցիր

Եւ քու խնամքդ իմ հոգիս պահեց։

13 Ասոնք սրտիդ մէջ պահեցիր։

Գիտեմ թէ ասոնք միտքդ են։

14 Եթէ մեղք գործեմ, դուն զիս կը դիտես

Ու իմ անօրէնութենէս անմեղ չես համարեր զիս։

15 Եթէ ամբարշտութիւն ընեմ, վա՜յ է ինծի

Ու արդար ալ ըլլամ, գլուխս չեմ կրնար վերցնել.

Անարգանքով լեցուած եմ։

Հիմա իմ թշուառութեանս նայէ,

16 Որ աւելնալու վրայ է։

Առիւծի պէս զիս կ’որսաս

Եւ միշտ իմ վրաս յաղթող կ’ըլլաս.

17 Ինծի դէմ վկաներդ կը նորոգես

Ու քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս կը շատցնես։

Փոփոխութիւններ ու պատերազմ կը բերես վրաս։

18 Ուրեմն ինչո՞ւ համար զիս արգանդէն հանեցիր։

Երանի՜ թէ հոն մեռնէի ու աչք չտեսնէր զիս,

19 Որ չեղածի պէս ըլլայի

Ու մօրս արգանդէն գերեզմանը տարուէի։

20 Իմ օրերս սակաւաթիւ չե՞ն։

Ե՛տ կեցիր ինձմէ ու թողուր, որ քիչ մը հանգչիմ

21 Այն տեղը երթալէս առաջ՝ ուրկէ ետ պիտի չդառնամ։

Մութ երկիրը ու մահուան շուքը,

22 Այն խիստ մութ երկիրը, մահուան շուքին խաւարը,

Ուրտեղ կարգ չկայ ու լոյսը խաւարի պէս է»։

11 1 Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.

 «Միթէ շատ խօսքերուն պատասխան պիտի չտրուի՞

Ու լեզուանի մարդը կրնա՞յ խօսքով արդարանալ։

 Քու պարապ խօսքերդ մարդիկը պիտի լռեցնե՞ն,

Երբ դուն ծաղր ընես, պիտի չըլլա՞յ մէկը որ քեզ ամչցնէ։

 Վասն զի դուն ըսիր թէ ‘Իմ խօսքս մաքուր է

Ու քու աչքիդ առջեւ անարատ եմ’։

 Սակայն երանի՜ թէ Աստուած խօսէր

Ու քեզի դէմ իր շրթունքը բանար

 Ու քեզի յայտնէր իմաստութեան գաղտնիքը,

Որ մարդուս իմացածին կրկինն է։

Հիմա գիտցիր թէ Աստուած

Քու անօրէնութեանդ մէկ մասը անտես կ’ընէ։

 Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞ս հասկնալ,

Ամենակարողը կատարելապէս կրնա՞ս իմանալ։

 Անիկա երկնքին պէս բարձր է.

Ի՞նչ կրնաս ընել.

Դժոխքէն խորունկ է. ի՞նչ կրնաս գիտնալ։

 Անոր չափը՝ երկրէն երկայն

Ու ծովէն լայն է։

10 Եթէ անիկա յարձակի ու գոցէ կամ հաւաքէ,

Ո՞վ անոր արգելք պիտի ըլլայ,

11 Քանզի ինք ունայն մարդիկը կը ճանչնա

Ու անօրէնութիւնը տեսնելով՝ ուշադրութիւն պիտի չընէ՞։

12 Բայց անմիտ մարդը մեծամիտ է

Ու կնոջմէ ծնած մարդը վայրենի իշու ձագի պէս է։

13 Եթէ դուն սիրտդ շտկես

Ու ձեռքերդ անոր երկնցնես,

14 Եթէ քու ձեռքդ անօրէնութիւն կայ, զանիկա քեզմէ հեռացուր

Ու մի՛ թողուր, որ վրաններուդ մէջ անզգամութիւն բնակի։

15 Այն ատեն անշուշտ կրնաս պարզերես մնալ,

Հաստատ կ’ըլլաս ու բանէ մը չես վախնար։

16 Քու թշուառութիւնդ պիտի մոռնաս,

Անցած ջուրերու պէս պիտի յիշես զանիկա։

17 Ու կեանքդ կէսօրուան լոյսէն պայծառ պիտի ըլլայ.

Թէեւ խաւարի մէջ ըլլաս, առտուան պէս պիտի երեւիս

18 Եւ ապահով պիտի ըլլաս, վասն զի յոյս կայ քեզի։

Պիտի պաշտպանուիս ու ապահովութեամբ պիտի հանգստանաս։

19 Եւ պիտի պառկիս ու վախցնող պիտի չըլլայ

Ու շատերը քեզ պիտի փնտռեն։

20 Բայց ամբարիշտներուն աչքերը պիտի նուաղին

Ու անոնց ապաստանարան պիտի չգտնուի

Ու յոյսերնին հոգեվարքի մէջ պիտի ըլլայ»։

12 1 Յոբ պատասխանեց.

 «Արդարեւ ժողովուրդը դուք էք

Ու իմաստութիւնը ձեզի հետ պիտի մեռնի։

 Ես ալ ձեզի պէս խելք ունիմ, ես ձեզմէ նուաստ չեմ

Ու այսպիսի բաներ ո՞վ չի գիտեր։

 Իր բարեկամէն ծաղրուող մարդ մըն եմ ես.

Բայց ով որ Աստուծոյ աղաղակէ,

Աստուծմէ պատասխան պիտի առնէ։

Արդար ու կատարեալ մարդը ծաղր կ’ըլլայ։

 Ոտքը սահելու վրայ եղողը, հանգիստ կեանք վարողին կարծիքին համաձայն՝

Անպիտան ջահ մըն է։

 Գողերուն վրանները յաջողութեան մէջ են

Ու Աստուած բարկացնողները ապահով են,

Անոնց ձեռքը Աստուած առատութեամբ կը լեցնէ։

 Բայց, աղէ՜, անասուններուն հարցուր, որպէս զի քեզի սորվեցնեն

Ու երկնքի թռչուններուն՝ որպէս զի քեզի իմացնեն,

 Կամ թէ երկրին ըսէ ու անիկա քեզի պիտի սորվեցնէ.

Ծովուն ձուկերը անգամ քեզի պիտի պատմեն։

 Ասոր հետ մէկտեղ ո՞վ չի գիտեր,

թէ ասիկա ընողը Տէրոջը ձեռքն է,

10 Որ ամէն ապրողի անձը

Ու բոլոր մարդկային մարմնի հոգին իր ձեռքն ունի։

11 Միթէ ականջը խօսքերը չ’ո՞րոշեր,

Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։

12 Իմաստութիւնը ծերերուն քովն է

Ու հանճարը՝ օրերուն շատութեանը մէջ։

13 Անոր քով է իմաստութիւնն ու զօրութիւնը։

Հանճարն ու իմաստութիւնը Անորն են։

14 Ահա Ան կը փլցնէ ու ա՛լ չի շինուիր։

Եթէ մէկուն վրայ գոցէ, ա՛լ չի բացուիր։

15 Ահա Անիկա ջուրերը կ’արգիլէ ու կը չորնան։

Ու զանոնք թող կու տայ ու երկիրը տակն ու վրայ կ’ընեն։

16 Զօրութիւնն ու հանճարը անոր հետ են։

Խաբուողն ու խաբողը անորն են։

17 Խորհրդականները կողոպտուած կը պտըտցնէ

Ու դատաւորները կը յիմարացնէ։

18 Թագաւորներուն իշխանութիւնը կը քակէ

Ու մէջքերնին չուան կը կապէ։

19 Նախարարները կողոպտուած կը պտըտցնէ

Ու զօրաւորները կը կործանէ։

20 Հաւատարիմներուն շրթունքը կը պապանձեցնէ

Ու ծերերուն խելքը կ’առնէ։

21 Ազնուականներուն վրայ անարգութիւն կը թափէ

Ու հզօրներուն գօտին կը թուլցնէ։

22 Խորունկ բաները խաւարէն հանելով կը յայտնէ

Ու մահուան ստուերը կը լուսաւորէ։

23 Ազգերը կը շատցնէ ու զանոնք կը կորսնցնէ.

Ազգերը ասդին անդին կը տարածէ ու անոնց կ’առաջնորդէ։

24 Երկրի ժողովուրդներուն առաջնորդներուն խելքը կ’առնէ

Ու ճամբայ չունեցող անապատներու մէջ կը մոլորեցնէ զանոնք։

25 Անոնք առանց լոյսի մութին մէջ խարխափելով կ’երթան

Ու գինովներու պէս կը մոլորին։

13 1 «Ահա այս ամէնը իմ աչքս տեսաւ,

Ականջս լսեց ու իմացաւ։

 Ձեր գիտցածը ես ալ գիտեմ։

Ես ձեզմէ նուաստ չեմ։

 Բայց ես Ամենակարողին խօսքը լսել

Ու իմ իրաւունքներս Աստուծոյ ներկայացնել կը փափաքիմ.

 Սակայն դուք սուտ խօսքեր կը հնարէք.

Ամէնքդ ալ կեղծ բժիշկներ էք։

 Երանի՜ թէ բոլորովին լուռ կենայիք

Եւ ատիկա ձեզի իմաստութիւն պիտի սեպուէր։

 Հիմա իմ պատճառաբանութիւնս լսեցէք

Ու շրթունքներուս փաստերուն ականջ դրէք։

 Աստուծոյ մասին անիրաւութեա՞մբ կը խօսիք

Ու անոր համար նենգութեա՞մբ կ’արտայայտուիք։

 Միթէ աչառութի՞ւն կ’ընէք անոր,

Կամ Աստուծոյ փա՞ստը կը պաշտպանէք։

 Աղէ՞կ է որ անիկա ձեզ քննէ.

Պիտի խաբէ՞ք զանիկա մարդ խաբելու պէս։

10 Եթէ ծածուկ աչառութիւն ալ ընէք,

Անշուշտ անիկա պիտի յանդիմանէ ձեզ։

11 Միթէ անոր վեհափառութիւնը ձեզ չի՞ վախցներ,

Ու անոր ահը ձեր վրայ չ’ի՞յնար։

12 Ձեր ասացուածքները մոխիրի առակներ են,

Ձեր պատնէշները կաւէ պատնէշներու պէս են։

13 Լռեցէք իմ առջեւս, որ ես խօսիմ

Եւ ինչ որ ուզէ թող պատահի ինծի։

14 Ինչո՞ւ համար մարմինս ակռաներուս մէջ առնեմ

Ու հոգիս ափիս մէջ դնեմ,

15 Թէեւ անիկա զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ.

Մանաւանդ ճամբաներս անոր առջեւ պիտի պաշտպանեմ։

16 Իմ փրկութիւնս անիկա է.

Բայց կեղծաւորը բնաւ անոր առջեւ պիտի չգայ։

17 Աղէկ մտիկ ըրէք իմ խօսքիս

Ու իմ ըսելիքս ձեր ականջներուն թող հասնի։

18 Ահա հիմա իմ դատս կարգի դրած եմ,

Գիտեմ թէ պիտի արդարանամ։

19 Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի.

Քանզի եթէ հիմա լռելու ըլլամ, պիտի մեռնիմ։

20 Միայն թէ այս երկու բանը մի՛ ըներ ինծի

Ու այն ատեն քու երեսէդ պիտի չպահուըտիմ։

21 Ձեռքդ վրայէս վերցուր

Ու քու երկիւղդ թող զիս չզարհուրեցնէ։

22 Ետքը դուն կանչէ ու ես պատասխան տամ,

Կամ թէ ես խօսիմ ու դուն ինծի պատասխան տուր։

23 Որչա՞փ են իմ անօրէնութիւններս ու մեղքերս։

Իմ յանցանքս ու մեղքս ինծի իմացուր։

24 Ինչո՞ւ համար երեսդ կը պահես

Ու զիս քեզի թշնամի կը սեպես։

25 Հովէն քշուած տերեւի՞ մը դէմ ահաւոր պիտի ըլլաս,

Կամ թէ չոր մղե՞ղ մը պիտի հալածես.

26 Դառնութեան վճիռ կու տաս ինծի

Ու իմ երիտասարդութեանս անօրէնութիւնները ինծի ժառանգ կու տաս,

27 Ոտքերս կոճղի մէջ կը դնես ու բոլոր ճամբաներս կը զննես

Եւ իմ ոտքերուս քայլերուն սահման կը դնես։

28 Ու այս մարմինս փտտած բանի պէս

Ու ցեցէն կերուած լաթի պէս կը մաշի»։

14 1 «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի,

Որ թշուառութիւնով լեցուն է։

 Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի

Ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար։

 Բայց անո՞ր վրայ ալ աչքերդ կը բանաս

Ու զիս քեզի հետ դատաստանի՞ կը տանիս։

 Անմաքուրէն ո՞վ կրնայ մաքուր հանել։

Բնաւ մէկը չի կրնար։

 Անոր օրերը որոշուած են,

Անոր ամիսներուն թիւը քու քովդ է.

Դուն անոր սահման դրիր

Ու անիկա չի կրնար անդին անցնիլ։

 Երեսդ մէկդի դարձուր անկէ,

Որպէս զի անիկա հանգչի,

Մինչեւ որ վարձկանի պէս իր օրը լմնցնէ։

 Վասն զի եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ,

Որ վերստին ծլի ու ճիւղը պակաս չըլլայ։

 Թէեւ անոր արմատը երկրին մէջ ծերացած ըլլայ

Ու անոր կոճղը՝ հողին մէջ մեռած,

 Անիկա ջուրին հոտէն պիտի ծաղկի

Ու նոր տնկուած ծառի պէս ճիւղեր պիտի արձակէ։

10 Բայց մարդը կը մեռնի ու կ’երթայ։

Մարդը իր հոգին կ’աւանդէ ու ետքը ո՞ւր ըլլալը յայտնի չ’ըլլար։

11 Ինչպէս ջուրերը ծովէն կը շոգիանան

Ու գետը կը ցամքի ու կը չորնայ,

12 Այսպէս ալ մարդը գետինը կը պառկի ու չ’ելլեր.

Մինչեւ որ ա՛լ երկինք չըլլայ՝ պիտի չելլէ

Ու իր քունէն պիտի չարթննայ։

13 Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ անցնիլը՝

Գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։

Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր։

14 Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։

Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ,

Մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ։

15 Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ.

Քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս։

16 Քանի որ հիմա քայլերս կը համրես,

Մեղքս մի՛ քններ։

17 Իմ յանցանքս քսակի մէջ կնքուած է

Ու իմ անօրէնութեանս վրայ ծածկոց մը դրիր։

18 Իրաւ որ լեռը իյնալով կը կործանի

Ու ապառաժը իր տեղէն կը փոխադրուի։

19 Ջուրերը կը մաշեցնեն քարերը,

Իրենց յորդած ժամանակը գետնին հողերը կը քշեն կը տանին.

Դուն ալ մարդուն յոյսը այնպէս կը կորսնցնես։

20 Դուն բոլորովին կը յաղթես ու անիկա կ’երթայ.

Անոր դէմքը փոխելով՝ զանիկա կը վռնտես։

21 Անոր տղաքը պատիւ կ’ունենան ու ինք չի գիտնար.

Անոնք անարգ կ’ըլլան ու ինք անոնց վիճակը չ’իմանար։

22 Միայն իր մարմնին ցաւը կը զգայ

Ու իր հոգին կը տրտմի իր ներսիդին»։

ԵՐԿՐՈՐԴ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

(15։1–21։34)

15 1 Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց.

 «Միթէ իմաստուն մարդը հովի պէս խօսքերո՞վ պիտի պատասխանէ

Ու իր փորը արեւելեան հովո՞վ պիտի լեցնէ։

 Պարապ խօսքերո՞վ պիտի վիճաբանի,

Խօսքերով՝ որոնք օգուտ մը չունին։

 Մանաւանդ դուն Աստուծոյ երկիւղը կը խափանես

Ու Աստուծոյ մատուցուելիք աղօթքը կ’արգիլես։

 Որովհետեւ բերանդ քու անօրէնութիւնդ կը ցուցնէ

Ու նենգաւորներուն լեզուն ընտրեցիր։

 Քու բերա՛նդ քեզ պիտի դատապարտէ ու ոչ թէ՝ ես։

Քու շրթունքներդ քեզի դէմ պիտի վկայեն։

 Առաջին ծնած մարդը դո՞ւն ես,

Կամ բլուրներէն առա՞ջ ստեղծուեցար։

 Աստուծոյ գաղտնիքներուն ունկնդիր եղա՞ր

Եւ իմաստութիւնը միայն քեզի՞ պահեցիր։

 Ի՞նչ գիտես դուն, որ մենք չենք գիտեր.

Ի՞նչ բանէ տեղեկութիւն ունիս, որ մենք չունինք։

10 Մեր մէջ ճերմակ մազերով

Ու խիստ ծեր մարդիկ ալ կան,

Որոնք տարիքով քու հօրմէդ աւելի մեծ են։

11 Միթէ քի՞չ կը թուին քեզի Աստուծոյ մխիթարութիւնները

Ու քեզի ըսուած մեղմ խօսքերը։

12 Քու սիրտդ ո՞ւր կը տանի քեզ

Ու աչքերդ ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն,

13 Որ հոգիդ Աստուծոյ դէմ դարձնելով՝

Բերնէդ այդպիսի խօսքեր կը հանես։

14 Մարդը ի՞նչ է, որ մաքուր ըլլայ

Ու կնոջմէն ծնածը՝ որ արդարանայ.

15 Ահա Աստուած իր սուրբերուն չի հաւատար

Ու երկինք անոր աչքերուն առջեւ մաքուր չէ.

16 Ո՞ւր կը մնայ գարշելի ու պիղծ մարդը,

Որ անօրէնութիւնը ջուրի պէս կը խմէ։

17 Քեզի իմացնեմ, մտիկ ըրէ ինծի

Ու տեսածս պատմեմ քեզի։

18 Ինչ որ իմաստունները յայտնեցին

Ու բնաւ չծածկեցին ինչ որ իրենց հայրերէն առին։

19 (Երկիր անոնց միայն տրուեցաւ

Ու անոնց մէջէն օտարական մը չանցաւ)։

20 Չարը իր բոլոր օրերուն մէջ տանջանք կը կրէ

Ու բռնաւորին քիչ տարիներ պահուած են։

21 Վախի ձայնը անոր ականջն է.

Խաղաղութեան մէջ անոր վրայ կործանիչը պիտի գայ.

22 Չի հաւատար թէ մութէն պիտի ելլէ

Ու անիկա սուրի սահմանուած է։

23 ‘Հացը ո՞ւր է’ ըսելով՝ թափառական կը պտըտի.

Գիտէ թէ մութ օրը պատրաստ է իր ձեռքը։

24 Նեղութիւնն ու տառապանքը զանիկա կը վախցնեն

Ու պատերազմի պատրաստուած թագաւորի պէս անոր կը յաղթեն,

25 Վասն զի Աստուծոյ դէմ ձեռք վերցուց

Ու Ամենակարողին դէմ հպարտացաւ։

26 Անոր վրայ կը յարձակի գոռոզութեամբ

Ու իր թանձր եւ ուռուցիկ վահանով։

27 Որովհետեւ իր երեսը ճարպով ծածկեց

Ու երիկամունքները պարարտութեամբ գոցեց։

28 Անիկա աւերակ քաղաքներու մէջ բնակեցաւ

Ու կործանելու մօտեցած անշէն տուներու մէջ։

29 Անիկա պիտի չհարստանայ,

Անոր ստացուածքները հաստատ պիտի չըլլան։

Անոնց երջանկութիւնը երկրի վրայ պիտի չտարածուի։

30 Մութէն պիտի չազատի.

Բոցը պիտի չորցնէ անոր ճիւղերը

Ու Աստուծոյ բերնին շունչովը պիտի ոչնչանայ։

31 Խաբուելով ունայնութեան թող չվստահի,

Վասն զի անոր վարձքը ունայնութիւն պիտի ըլլայ։

32 Օրերը չլմնցած պիտի կտրուի

Ու ճիւղերը նորէն պիտի չկանանչանան։

33 Որթատունկի պէս իր ազոխը պիտի թափէ

Ու ձիթենիի պէս իր ծաղիկները պիտի թօթափէ։

34 Վասն զի կեղծաւորներուն ժողովը ամայի պիտի ըլլայ

Ու կրակը պիտի այրէ կաշառք առնողներուն վրանները։

35 Անոնք թշուառութիւն կը յղանան, անօրէնութիւն կը ծնանին

Ու սրտերնին խաբէութիւն կը պատրաստէ»։

16 1 Յոբ պատասխանեց.

 «Ես ատոնց պէս շատ բաներ լսած եմ.

Ամէնքդ ալ ձանձրացնող մխիթարիչներ էք։

 Դատարկ խօսքերը վերջ ունի՞ն.

Կամ ի՞նչ բանէ դրդուած պատասխան կու տաք։

 Ես ալ ձեզի պէս կրնայի խօսիլ։

Եթէ ձեր անձը իմ անձիս տեղը ըլլար,

Կրնայի ձեզի դէմ խօսքեր դիզել

Ու ձեզի դէմ գլուխս երերցնել։

 Սակայն իմ բերնովս կրնայի ձեզ զօրացնել

Ու շրթունքներուս մխիթարութիւնը ձեր տրտմութիւնը կրնար փարատել։

Եթէ խօսիմ՝ տրտմութիւնս չի փարատիր

Եւ եթէ լռեմ՝ ի՞նչ կը պակսի ինձմէ։

 Բայց հիմա Աստուած զիս յոգնեցուց.

Բոլոր տունս ամայի ըրաւ»։

 Նաեւ զիս բռնեց ու ասիկա ինծի դէմ վկայութիւն մըն է

Ու իմ նիհարութիւնս ինծի դէմ ելլելով՝ զիս կ’ամբաստանէ։

 Անոր բարկութիւնը զիս պատռեց ու ինծի թշնամի եղաւ,

Ակռաները իմ վրաս կրճտեց։

Թշնամիս սուր աչքերով ինծի նայեցաւ։

10 Բերաննին վրաս բացին

Ու զիս նախատելու համար ծնօտներուս ապտակ զարկին.

Մէկտեղ վրաս հաւաքուեցան։

11 Աստուած զիս ամբարշտին յանձնեց

Ու անօրէններուն ձեռքը ձգեց։

12 Հանգիստ էի ու զիս ճնշեց

Ու վզէս բռնելով՝ զիս ջախջախեց

Ու զիս իրեն նշանակէտ ըրաւ։

13 Անոր աղեղնաւորները իմ բոլորտիքս առին։

Երիկամունքներս կը խոցէ ու ինծի չի խնայեր.

Մաղձս գետինը կը թափէ։

14 Կոտորածի վրայ կոտորած ընելով զիս կոտորեց,

Իմ վրաս զինուորի մը պէս յարձակեցաւ։

15 Մորթիս վրայ քուրձ կարեցի

Ու եղջիւրս հողով աղտոտեցի։

16 Երեսս լալէն ուռեցաւ

Ու աչքիս թարթիչներուն վրայ մահուան շուք կայ.

17 Թէեւ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն չկայ

Ու աղօթքս մաքուր է։

18 Ո՛վ երկիր, իմ արիւնս մի՛ ծածկեր

Ու աղաղակս հանգստանալու տեղ թող չգտնէ։

19 Հիմա ալ՝ ահա իմ վկաս երկնքի մէջ է ու

Փաստաբանս բարձր տեղերն է։

20 Զիս ծաղր ընողները իմ բարեկամներս են։

Աչքերս Աստուծոյ առջեւ արցունք կը թափեն։

21 Երանի՜ թէ մարդ կարենար Աստուծոյ հետ վիճաբանիլ,

Ինչպէս մարդ՝ իր ընկերին հետ։

22 Վասն զի քիչ տարիներ անցնելէ յետոյ՝

Այնպիսի ճամբայ մը պիտի երթամ, ուրկէ ա՛լ պիտի չդառնամ»։

17 1 «Շունչս կը կտրի, օրերս կը մարին,

Գերեզմանը ինծի կը սպասէ։

 Չէ՞ որ ծաղր ընողներ կան իմ քովս,

Անոնց գրգռութիւնը աչքիս առջեւ է։

 Աղէ՜, քու քովդ ինծի երաշխաւոր մը դիր.

Ո՞վ կայ որ իմ ձեռքս բռնէ։

 Վասն զի դուն իմաստութիւնը անոնց սրտէն ծածկեցիր,

Անոր համար պիտի չբարձրացնես զանոնք։

 Ով որ իր բարեկամները կողոպտուելու կը մատնէ,

Անոր տղոցը աչքերը պիտի նուաղին։

 Զիս ժողովուրդներուն բերնի ծամոց ըրաւ,

Անոնց առջեւ զզուելի եղայ։

 Նաեւ աչքերս տրտմութենէն շլացան

Ու մարմնիս բոլոր անդամները շուքի պէս եղան։

 Ուղիղները այս բանին վրայ պիտի զարմանան

Ու անմեղները պիտի յուզուին կեղծաւորին դէմ։

 Ու արդարը հաստատ պիտի կենայ իր ճամբուն մէջ

Եւ մաքուր ձեռք ունեցողը երթալով պիտի զօրանայ։

10 Բայց դուք ամէնքդ ալ դարձէ՛ք ու եկէ՛ք,

Վասն զի ձեր մէջ իմաստուն մէկը չեմ գտներ։

11 Իմ օրերս անցան,

Իմ դիտաւորութիւններս ու սրտիս խորհուրդները խափանուեցան։

12 Գիշերը ցորեկի փոխուեցաւ

Ու լոյսը խաւարին մօտեցաւ։

13 Եթէ երկար սպասեմ գերեզմանին, որ իմ տունս պիտի ըլլայ,

Անկողինս մթութեան մէջ փռեմ,

14 Եթէ ապականութեան աղաղակեմ՝ ըսելով. ‘Դուն իմ հայրս ես’

Եւ որդերուն՝ ‘Դուք իմ մայրս ու քոյրս էք’,

15 Այն ատեն ո՞ւր է իմ յոյսս։

Իմ յոյսս ո՞վ պիտի տեսնէ։

16 Գերեզմանին առանձնութեանը մէջ պիտի իջնէ,

Երբ մէկտեղ հողին մէջ հանգստանանք»։

18 1 Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.

 «Ե՞րբ այդ խօսքերը պիտի հատցնէք.

Հասկցէ՛ք ու անկէ ետքը խօսինք։

 Ինչո՞ւ համար անասուններու պէս համարուինք

Ու աչքերնուդ առջեւ անմաքուր սեպուինք։

 (Դուն որ բարկութիւնովդ քեզ կը պատառես),

Միթէ երկիրը քեզի համար երեսի վրայ պիտի ձգուի՞

Ու ապառաժը իր տեղէն պիտի փոխադրուի՞։

Անշուշտ ամբարշտին լոյսը պիտի մարի

Ու անոր կրակին բոցը լոյս պիտի չտայ.

 Անոր վրանին մէջ լոյսը պիտի խաւարի

Ու անոր ճրագը անոր վրայ պիտի մարի։

 Անոր զօրութեանը քայլերը նեղութիւն պիտի կրեն

Ու անոր խորհուրդը զանիկա գետինը պիտի զարնէ։

 Վասն զի իր ոտքերովը ուռկանի մէջ պիտի բռնուի

Ու ցանցի վրայ պիտի քալէ։

 Վարմը անոր գարշապարը պիտի բռնէ

Ու աւարառուն անոր պիտի յաղթէ։

10 Անոր համար գետնին մէջ թակարդ պահուած է

Ու անոր ճամբուն վրայ՝ որոգայթ։

11 Արհաւիրքը զանիկա ամէն կողմէն պիտի պաշարէ

Ու զանիկա իր ոտքերովը ասդին անդին պիտի վազցնէ։

12 Անոր զօրութիւնը պիտի անօթենայ

Ու կորուստը անոր քով պատրաստ է,

13 Որ անոր մորթին ոյժը ուտէ։

Մահուան առջինեկը պիտի ուտէ անոր ոյժը։

14 Անոր վստահութիւնը իր վրանէն պիտի կտրուի

Ու անիկա դէպի զարհուրանքի թագաւորը պիտի քշուի։

15 Անոր վրանին մէջ զարհուրանք պիտի բնակի, որ այսուհետեւ իրը պիտի չըլլայ.

Ու անոր բնակարանին վրայ ծծումբ պիտի ցանուի։

16 Անոր արմատները տակէն պիտի չորնան

Ու վերէն ճիւղերը պիտի կտրտուին։

17 Անոր յիշատակը երկրէն պիտի կորսուի

Ու անոր անունը հրապարակներուն մէջ պիտի չտրուի։

18 Անիկա լոյսէն խաւարը պիտի քշուի

Ու անիկա աշխարհէն պիտի վռնտուի։

19 Իր ժողովուրդին մէջ ո՛չ զաւակ պիտի ունենայ եւ ո՛չ թոռ

Ու անոր բնակարաններուն մէջ մէ՛կը պիտի չմնայ։

20 Յետինները անոր օրուանը վրայ պիտի զարմանան

Ու առաջինները պիտի սոսկան։

21 Արդարեւ, ամբարշտին բնակարանները այսպէս պիտի ըլլան

Ու Աստուած չճանչցողին տեղը այսպէս է»։

19 1 Յոբ պատասխանեց.

 «Մինչեւ ե՞րբ հոգիս պիտի վշտացնէք

Ու զիս խօսքերով պիտի ճնշէք։

 Արդէն տասը անգամ է որ զիս կը մեղադրէք։

Չէ՞ք ամչնար որ վրաս կը յարձակիք։

 Եթէ արդարեւ ես սխալեր եմ,

Իմ սխալս իմ քովս կը մնայ։

 Եթէ անպատճառ ամբարտաւանութեամբ խօսիլ կ’ուզէք ինծի դէմ

Ու ամօթս երեսս զարնել,

 Գիտցէք ուրեմն թէ զիս Աստուած կործանեց

Ու իր ցանցը իմ շուրջս դարձուց։

 Ահա ինծի եղած անիրաւութեանը համար կ’աղաղակեմ ու պատասխան տուող չկայ,

Կը բողոքեմ, բայց արդարութիւն չկայ։

 Անիկա իմ ճամբաս գոցեց, այնպէս որ չեմ կրնար անցնիլ.

Իմ շաւիղներուս վրայ խաւար դրաւ։

 Զիս իմ փառքէս մերկացուց

Ու գլխէս թագը վերցուց։

10 Զիս ամէն կողմէ աւերեց ու ես գացի

Ու իմ յոյսս ծառի մը պէս արմատէն խլեց։

11 Անոր բարկութիւնը իմ վրաս բորբոքեցաւ

Ու զիս իր թշնամիներուն կարգը դրաւ։

12 Անոր գունդերը մէկտեղ եկան

Ու ճամբանին ինծի դէմ պատրաստեցին

Ու վրանիս բոլորտիքը բանակեցան։

13 Անիկա իմ եղբայրներս ինձմէ հեռացուց

Ու արդարեւ ծանօթներս օտարացան ինձմէ։

14 Ազգականներս զիս թողուցին

Ու իմ ճանչուորներս զիս մոռցան։

15 Իմ տունս բնակողներն ու աղախիններս զիս անծանօթ մէկը սեպեցին

Ու անոնց աչքին առջեւ օտարական եղայ։

16 Ծառաս կանչեցի ու անիկա պատասխան չտուաւ,

Թէեւ բերնովս անոր աղաչեցի։

17 Իմ շունչս ատելի եղաւ կնոջս

Ու իմ աղաչանքներս՝ իմ մօրս որովայնին որդիներուն։

18 Փոքր տղաքն ալ զիս կ’անարգեն

Ու երբ կ’ելլեմ, ինծի դէմ կը խօսին։

19 Բոլոր մտերիմ բարեկամներս ինձմէ զզուեցան

Ու իմ սիրականներս ինծի դէմ դարձան։

20 Ոսկորներս մորթիս ու մարմնիս փական,

Միայն ակռաներուս կաշիովը ազատեցայ։

21 Ո՛վ իմ բարեկամներս, դո՛ւք ողորմեցէք ինծի,

Ողորմեցէ՛ք ինծի, քանզի Աստուծոյ ձեռքը ինծի դպաւ։

22 Ինչո՞ւ Աստուծոյ պէս կը հալածէք

Ու մարմինէս չէք կշտանար։

23 «Երանի՜ թէ հիմա խօսքերս գրուէին.

Երանի՜ թէ գրքի մը մէջ քանդակուէին։

24 Երկաթէ գրիչով կապարի վրայ

Ու քարի վրայ յաւիտենապէս փորագրուէին։

25 Վասն զի գիտեմ թէ իմ Փրկիչս ողջ է

Ու անիկա վերջին ժամանակը պիտի ելլէ երկրի վրայ։

26 Ու թէեւ մորթէս ետքը այս ալ փճանայ,

Բայց իմ մարմնովս Աստուած պիտի տեսնեմ,

27 Ես ինծի համար պիտի տեսնեմ

Ու իմ աչքերս պիտի դիտեն զանիկա եւ ո՛չ թէ ուրիշը։

Երիկամունքներս իմ ներսիդիս կը հալին։

28 Պէտք էր ըսէիք. ‘Ինչո՞ւ կը հալածենք զանիկա’

Եւ ‘Բանին արմատը իր մէջ գտնուեցաւ’։

29 Սուրէն վախցէք. վասն զի բարկութեան պատիժը սուրն է,

Որպէս զի գիտնաք թէ դատաստան մը կայ»։

20 1 Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.

 «Ասոր համար իմ խորհուրդներս ինծի պատասխանել կու տան

Ու ասոր համար կ’արտորամ։

 Զիս խայտառակող յանդիմանութիւնը լսեցի,

Բայց իմ հոգիս ունեցած իմաստութենէս կը ստիպէ, որ պատասխանեմ։

 Դուն գիտե՞ս թէ սկիզբէն՝

Մարդս երկրի վրայ դրուելէն ի վեր՝

 Անզգամին յաղթանակը քիչ ժամանակ կը տեւէ

Ու կեղծաւորին ուրախութիւնը մէկ վայրկեանի համար է։

 Թէեւ անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք ելլէ

Ու գլուխը ամպերուն հասնի,

 Իր աղբին պէս յաւիտեան պիտի ոչնչանայ

Ու զինք տեսնողները պիտի ըսեն՝ ‘Ո՞ւր է անիկա’։

 Երազի պէս պիտի թռչի ու պիտի չգտնուի

Ու գիշերուան ցնորքի պէս պիտի փախչի։

 Զանիկա տեսնող աչքը ա՛լ պիտի չտեսնէ

Ու անոր բնակած տեղը ա՛լ պիտի չնայի անոր։

10 Անոր զաւակները աղքատներէն շնորհք պիտի խնդրեն

Ու անոր ձեռքերը յափշտակածը ետ պիտի տան։

11 Անոր ոսկորները երիտասարդութեան մեղքերուն պատիժովը լեցուն են

Ու անոր հետ հողին մէջ պիտի պառկին։

12 Եթէ անզգամութիւնը անոր բերնին մէջ քաղցր է

Եւ եթէ իր լեզուին տակ կը պահէ զանիկա,

13 Եթէ զանիկա խնայէ ու չձգէ

Ու իր քիմքին մէջ պահէ զանիկա,

14 Կերակուրը անոր աղիքներուն մէջ պիտի փոխուի,

Անոր ներսիդին քարբի լեղի պիտի ըլլայ։

15 Անիկա հարստութիւններ կուլ տուաւ, բայց պիտի փսխէ զանոնք։

Աստուած անոր փորէն դուրս պիտի հանէ զանոնք։

16 Անիկա քարբին թոյնը պիտի ծծէ

Ու իժի լեզուն զանիկա պիտի մեռցնէ։

17 Անիկա պիտի չտեսնէ վտակները,

Մեղրի ու կոգիի հեղեղներուն գետերը։

18 Իր աշխատանքով վաստկածը ետ պիտի տայ ու պիտի չկլլէ

Ու ետ տուածը իր հարստութեանը չափ պիտի ըլլայ։

Անոր վրայ պիտի չուրախանայ։

19 Քանի որ աղքատները ճնշեց ու երեսի վրայ թողուց

Ու իր չշինած տունը յափշտակեց,

20 Անշուշտ իր ներսիդին խաղաղութիւն պիտի չզգայ

Ու ցանկացածը պիտի չկրնայ ազատել։

21 Անոր ուտելու բան մը պիտի չմնայ,

Անոր համար անոր յաջողութիւնը հաստատ պիտի չըլլայ։

22 Առատութեամբ լեցուն եղած ժամանակն ալ նեղութեան մէջ պիտի ըլլայ.

Թշուառութեան մէջ եղողներուն ամէն հարուած անոր վրայ պիտի գայ։

23 Երբ փորը կշտացնելու վրայ ըլլայ,

Աստուած իր սաստիկ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ղրկէ

Ու անձրեւի պէս անոր վրայ պիտի թափէ՝ կերակուր ուտելու ատենը։

24 Երկաթէ զէնքին առջեւէն փախած ատենը

Պղնձէ աղեղը զանիկա պիտի խոցէ։

25 Անոր դէմ արձակուած աղեղը մարմնէն պիտի անցնի

Ու փայլուն տէգը անոր մաղձէն պիտի ելլէ.

Անոր վրայ արհաւիրք պիտի գայ։

26 Բոլոր խաւարը անոր գաղտուկ տեղերը պիտի պահուի.

Մարած կրակը զանիկա պիտի լափէ.

Անոր վրանին մէջ մնացողը ապերջանիկ պիտի ըլլայ։

27 Երկինք անոր ապօրէնութիւնը պիտի յայտնէ,

Երկիր ալ անոր դէմ պիտի ելլէ։

28 Անոր տանը եկամուտը պիտի յափշտակուի,

Ամէն բան պիտի անցնի Աստուծոյ բարկութեան օրը։

29 Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը, որ Աստուծմէ պիտի առնէ

Եւ ասիկա է այն ժառանգութիւնը, որ Աստուած անոր համար սահմաներ է»։

21 1 Յոբ պատասխանեց.

 «Խօսքիս աղէկ մտիկ ըրէք

Ու այս ըլլայ ձեր մխիթարութիւնը։

 Ինծի համբերեցէք ու ես խօսիմ

Ու խօսելէս ետքը ծաղր ըրէք։

 Միթէ ես մարդո՞ւ հետ կը վիճիմ

Եւ ինչո՞ւ համար հոգիս չտրտմի։

 Ինծի նայեցէ՛ք ու ապշեցէ՛ք

Ու բերաննուդ վրայ ձեռք դրէ՛ք։

Այս բաներուն վրայ մտածելով կը զարհուրիմ

Ու մարմինս կը սկսի դողալ։

 Ամբարիշտները ինչո՞ւ կ’ապրին,

Կը ծերանան ու խիստ կ’ուժովնան։

 Անոնց սերունդը իրենց հետ կը հաստատուի իրենց առջեւ

Եւ անոնց զաւակները՝ աչքերնուն առջեւ։

 Տուներնին խաղաղութեան մէջ է ու վախէ ազատ

Եւ Աստուծոյ գաւազանը անոնց վրայ չէ։

10 Անոնց ցուլը կը զուգաւորուի ու դատարկ չ’ելլեր.

Կովը իր հորթը կը ծնանի ու վիժում չ’ունենար։

11 Իրենց պզտիկները ոչխարի հօտի պէս կը հանեն

Ու անոնց տղաքը ուրախութեամբ կը ցատկռտեն.

12 Թմբուկով ու քնարով կ’երգեն

Ու սրինգին ձայնովը կ’ուրախանան։

13 Անոնք օրերնին զուարճութիւնով կ’անցընեն

Ու խաղաղութեամբ գերեզմանը կ’իջնեն։

14 Եւ Աստուծոյ կ’ըսեն.

‘Քաշուէ՛ մեզմէ,

Վասն զի քու ճամբաներդ գիտնալ չենք ուզեր։

15 Ամենակարողը ո՞վ է, որ անոր ծառայենք

Ու եթէ անոր աղօթք ընենք, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենանք’։

16 Ահա անոնց բարիքը ձեռքերնին չէ՞։

Ամբարշտին խորհուրդը ինձմէ հեռու ըլլայ։

17 Ամբարիշտներուն ճրագը քանի՞ անգամ կը մարի

Ու տառապանքը անոնց վրայ կու գայ։

Աստուած իր բարկութեամբ անոնց ցաւեր կը բաժնէ։

18 Հովին առջեւ եղած յարդին պէս

Ու մրրիկին յափշտակած շիւղին պէս կ’ըլլան։

19 ‘Աստուած անոր անիրաւութիւնը անոր որդիներուն կը պահէ’, կ’ըսեն։

Անոր փոխարէն անոնց թող հատուցանէ, որ անոնք գիտնան։

20 Անոր աչքերը իր կորուստը թող տեսնեն

Ու Ամենակարողին բարկութենէն թող խմէ։

21 Անիկա ի՞նչ զուարճութիւն պիտի ունենայ իրմէ ետքը մնացած տունէն,

Քանի որ իր ամիսներուն թիւը կիսուած է։

22 Միթէ Աստուծոյ գիտութիւն սորվեցնել հնարաւո՞ր է,

Անոր՝ որ բարձրերը կը դատէ։

23 Մէկը կը մեռնի իր առուգութեանը մէջ

Բոլորովին հանդարտ ու հանգիստ.

24 Անոր քովերը ճարպով լեցուն են

Ու ոսկորներուն ծուծը թարմ է.

25 Ուրիշ մը կը մեռնի հոգիի ցաւով

Ու առանց բարիքով կշտանալու.

26 Սակայն երկուքն ալ հողին մէջ կը պառկին

Ու որդերը կը ծածկեն զանոնք։

27 Ահա գիտեմ ձեր խորհուրդները

Ու ինծի դէմ ձեր հնարած անիրաւութիւնները։

28 Վասն զի կ’ըսէք. ‘Ո՞ւր է իշխանին տունը

Եւ ո՞ւր է ամբարիշտներուն բնակած վրանը’։

29 Ճամբորդներուն չհարցուցի՞ք

Ու անոնց վկայութիւնը չստացա՞ք։

30 Վասն զի չարը կորստեան օրուան կը պահուի

Ու բարկութեան օրուան կը տարուի։

31 Անոր երեսին դէմ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր ճամբան

Եւ անոր ըրածին փոխարէնը ո՞վ անոր պիտի հատուցանէ։

32 Բայց ան ալ գերեզմանը պիտի տարուի

Ու շիրմին մէջ պիտի մնայ։

33 Ձորին հողի կոշտերը անոր անոյշ պիտի գան

Ու ամէն մարդ անոր ետեւէն պիտի երթայ,

Իսկ անոր առջեւէն գացողներուն հաշիւը չկայ։

34 Ուրեմն ի՞նչպէս փուճ մխիթարութիւններ կու տաք ինծի,

Որովհետեւ ձեր պատասխաններուն մէջ ստութիւն կայ»։

ԵՐՐՈՐԴ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

(22։1–27։23)

22 1 Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց.

 «Միթէ մարդը կրնա՞յ Աստուծոյ օգտակար ըլլալ.

Խելացի մարդը միայն իրեն օգտակար կ’ըլլայ։

 Ամենակարողին հաճոյք կը պատճառէ՞ եթէ արդար ըլլաս,

Կամ շահ մը ունի՞ եթէ քու ճամբաներդ շտկես։

 Միթէ Իրմէ վախնալուդ համար քեզ կը յանդիմանէ՞,

Քեզի հետ դատաստանի կը մտնէ՞։

 Չէ՞ որ քու անզգամութիւնդ մեծ է

Ու անօրէնութիւններդ անհամար են։

 Որովհետեւ եղբայրներէդ առանց պատճառի գրաւ առիր

Ու մերկերուն հանդերձները յափշտակեցիր,

 Ծարաւցածին ջուր չխմցուցիր

Ու հացը անօթիէն խնայեցիր։

 Զօրաւորը կը տիրէ երկրին

Ու անոր մէջ պատուաւորը կը բնակի։

 Որբեւայրի կիները դատարկ ղրկեցիր

Ու որբերուն թեւերը կոտրտեցան։

10 Անոր համար քու բոլորտիքդ որոգայթներ լարուած են

Ու յանկարծահաս վախը քեզ կը զարհուրեցնէ։

11 Կամ այնպիսի խաւար մը քեզ պատեր է, որ չես կրնար տեսնել

Ու ջուրերուն շատութիւնը քեզ կը ծածկէ։

12 Աստուած երկնքին խիստ բարձր տեղը չէ՞.

Հիմա աստղերուն բարձրութեանը նայէ, ո՜րչափ բարձր են։

13 Ու դուն ըսիր.

‘Ի՞նչ գիտէ Աստուած,

Մառախուղին մէջէն դատաստա՞ն պիտի ընէ.

14 Ամպերը անոր առջեւ ծածկոյթ են ու չի տեսներ

Եւ անիկա երկնքի կամարին վրայ կը պտըտի’։

15 Ուշադրութիւն ըրի՞ր այն հին ճամբային,

Ուր անօրէն մարդիկը պտըտեցան,

16 Որոնք յանկարծակի յափշտակուեցան,

Որոնց հիմերը հեղեղը ընկղմեց։

17 Անոնք կ’ըսէին Աստուծոյ.

‘Հեռացիր մեզմէ’,

Ու ‘Ամենակարողը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել’։

18 Թէեւ անոնց տունը բարութիւնով լեցուցեր էր,

Բայց անզգամներուն խորհուրդը ինձմէ հեռու ըլլայ։

19 Արդարները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան

Եւ անմեղները զանոնք ծաղր պիտի ընեն՝ ըսելով.

20 ‘Մեր թշնամիները կորսուած են

Ու անոնց մնացորդը կրակը կերաւ’։

21 Աղէ՜, Անոր հետ բարեկամ եղիր ու խաղաղութիւն ունեցիր

Ու ասիկա քեզի օգտակար կ’ըլլայ։

22 Անոր բերնէն օրէնքը ընդունէ

Ու անոր խօսքերը սրտիդ մէջ դիր։

23 Եթէ Ամենակարողին դառնաս եւ խոնարհիս,

Եթէ անօրէնութիւնը քու վրաններէդ հեռացնես,

24 Եթէ ոսկին հողին վրայ դնես

Ու Ոփիրի ոսկին՝ հեղեղատներու քարերուն վրայ,

25 Եթէ Ամենակարողը քու ոսկիդ է,

Քու թանկագին արծաթդ,

26 Այն ատեն Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ստանաս

Ու երեսդ դէպի Աստուած պիտի վերցնես.

27 Անոր պիտի աղաչես ու քեզի պիտի լսէ

Եւ քու ուխտերդ պիտի կատարես։

28 Եթէ դիտաւորութիւն մը ունենաս՝ քեզի պիտի յաջողի

Ու ճամբաներուդ վրայ լոյս պիտի ճառագայթէ։

29 Տէրը կը խոնարհեցնէ հարուստը, բայց խոնարհները կը պահէ։

Քանզի այն ատեն պիտի ազատէ զանիկա,

Որ աչքերով խոնարհած էր։

30 Անմեղը պիտի ազատէ

Ու քու ձեռքերուդ մաքրութիւնովը պիտի ազատուիս»։

23 1 Յոբ պատասխանեց.

 «Այսօր ալ իմ գանգատս դառն է,

Անոր հարուածը հառաչանքէս ծանր է։

 Երանի՜ թէ կարող ըլլայի գտնել զանիկա,

Մինչեւ անոր աթոռը երթայի,

 Իմ դատս անոր առջեւ տարածէի

Ու բերանս փաստերով լեցնէի։

 Պիտի գիտնայի թէ ինծի ի՛նչ պատասխան պիտի տար

Ու պիտի հասկնայի ինչ որ ինծի պիտի ըսէր։

 Միթէ ուժին շատութիւնովը ինծի հետ պիտի վիճէ՞ր։ Ո՛չ։

Հապա ինք զիս պիտի զօրացնէր։

 Ուղիղ մարդը հոն կրնայ վիճաբանիլ անոր հետ

Ու ես իմ Դատաւորէս յաւիտեան պիտի ազատուէի։

 Բայց ահա դէպի արեւելք կ’երթամ ու անիկա չերեւնար

Եւ դէպի արեւմուտք ու զանիկա չեմ նշմարեր։

 Դէպի հիւսիս կ’երթամ, ուր ինք կը գործէ,

Բայց զանիկա չեմ կրնար դիտել։

Հարաւային կողմը կը պահուի

Ու չեմ կրնար տեսնել զանիկա։

10 Իսկ անիկա գիտէ իմ ճամբաս։

Երբ զիս փորձէ, ոսկիի պէս պիտի ելլեմ։

11 Ոտքս անոր քայլերուն վրայ հաստատուեցաւ,

Անոր ճամբան պահելով՝ չմոլորեցայ։

12 Անոր շրթունքներուն պատուիրանքներէն չզատուեցայ։

Անոր բերնին խօսքերը իմ պիտոյքէս աւելի պահեցի։

13 Բայց անիկա մէկ մտքի վրայ է

Եւ ո՞վ կրնայ զանիկա դարձնել.

Իր սրտին ուզածը կ’ընէ։

14 Ուրեմն ինծի համար սահմանուածը պիտի կատարէ։

Ասոր պէս շատ բաներ կան անոր քով։

15 Անոր համար անոր ներկայութենէն կը շփոթիմ։

Երբ մտածեմ՝ անկէ կը վախնամ։

16 Վասն զի Աստուած սիրտս կը կակուղցնէ

Ու Ամենակարողը զիս կը շփոթեցնէ,

17 Որովհետեւ ես թշուառութեան խաւարէն չմեռայ

Ու մութը զիս չծածկեց»։

24 1 «Քանի որ Ամենակարողէն պահուած չեն ժամանակները,

Ի՞նչպէս զանիկա ճանչցողները անոր օրերը չեն տեսներ։

 Չարերը սահմաններ կը փոխեն,

Հօտեր կը յափշտակեն ու զանոնք կ’արածեն.

 Որբերուն էշերը կ’առնեն կը տանին,

Որբեւայրիին եզը գրաւ կ’առնեն.

 Աղքատները ճամբայէն կը մոլորեցնեն

Ու երկրի տնանկները ինքզինքնին կը ծածկեն։

 Ահա անոնք անապատի վայրենի էշերուն պէս իրենց գործին կ’ելլեն,

Կանուխ որս փնտռելու կ’երթան.

Անապատը անոնց տղոցը հաց կու տայ։

 Իրենցը չեղած արտը կը հնձեն

Ու անիրաւութեամբ այգի կը կթեն։

 Գիշերը առանց հանդերձի կը պառկեցնեն մերկը

Ու պաղ ատեն առանց ծածկոցի կը թողուն։

 Անոնք լեռներուն սաստիկ անձրեւներէն կը թրջուին

Ու ապաստանարան մը չունենալնուն համար ժայռերը կը գրկեն։

 Որբը ծիծէն կը հեռացնեն

Ու աղքատէն պզտիկ զաւակը գրաւ կ’առնեն։

10 Մերկերը առանց հանդերձի կը պտըտցնեն

Ու անօթիները անոնց ցորենի խուրձերը կը կրեն։

11 Իրենց պատերուն մէջ իւղ հանողները

Ու հնձաններուն մէջ գինի կոխողները ծարաւ կը մնան։

12 Քաղաքին մէջ մարդիկ կը հեծեն

Ու վիրաւորուածներուն հոգին կ’աղաղակէ։

Բայց Աստուած անոնց ըրածը անզգամութիւն չի համարեր։

13 Անոնք լոյսին դէմ կեցողներէն են,

Անոր ճամբաները չեն գիտեր

Ու անոր շաւիղներուն մէջ չեն կենար։

14 Մարդասպանը լուսնալուն պէս կ’ելլէ,

Աղքատն ու տնանկը կը սպաննէ

Ու գիշերը գողի պէս կ’ըլլայ։

15 Շնացողին աչքն ալ իրիկուան մութին կը սպասէ՝ ըսելով.

‘Զիս աչք չտեսնէ’, ուստի երեսին ծածկոց կը դնէ։

16 Մութ ատեն կը ծակեն այն տուները,

Որոնց վրայ ցորեկուընէ նշան դրած են.

Անոնք լոյսը չեն ճանչնար.

17 Վասն զի առտուան լոյսը մահուան շուքի պէս է անոնց,

Որովհետեւ մահուան շուքին երկիւղներուն վարժուած են։

18 Անիկա ջուրին երեսին վրայ թեթեւ է.

Անոնց բաժինը երկրի վրայ անիծեալ է

Ու այգիներուն ճամբան չի դառնար։

19 Չորութիւնն ու տաքութիւնը ձիւնին ջուրը կը հատցնեն

Ու գերեզմանը՝ մեղք գործողները։

20 Որովայնը զանիկա պիտի մոռնայ.

Որդերը պիտի ուտեն զանիկա անուշ բանի պէս.

Ա՛լ անիկա պիտի չյիշուի։

Ամբարշտութիւնը ծառի մը պէս պիտի կոտրուի։

21 Անիկա զաւակ չծնանող ամուլը կը չարչարէ

Ու որբեւայրիին աղէկութիւն չ’ըներ։

22 Անիկա իր ուժովը զօրաւորներուն կեանքը կ’երկարաձգէ,

Իսկ երբ ելլէ, մէկո՛ւն կեանքի ապահովութիւն չկայ։

23 Աստուած անոր ապահովութիւն կու տայ, որպէս զի իրեն վստահի,

Բայց իր աչքերը անոնց ճամբաներուն վրայ են։

24 Քիչ մը բարձրացան ու ոչինչ եղան,

Ամենուն պէս ընկղմելով կորսուեցան

Ու հասկի պէս կտրուեցան։

25 Եթէ այսպէս չէ, ո՞վ զիս սուտ պիտի հանէ

Եւ իմ խօսքիս ոչինչ ըլլալը պիտի ցուցնէ»։

25 1 Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.

 «Իշխանութիւնն ու վախը անոր քով են,

Իր բարձր տեղերուն մէջ խաղաղութիւն կ’ընէ։

 Անոր գունդերուն համրանքը կա՞յ արդեօք

Ու անոր լոյսը որո՞ւ վրայ չի ծագիր։

 Ուրեմն մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։

Կնոջմէ ծնածը ի՞նչպէս կրնայ մաքուր ըլլալ։

 Ահա լուսինն ալ լոյս չի տար

Ու անոր աչքերուն առջեւ աստղերն ալ մաքուր չեն.

 Ալ ո՞ւր կը մնայ մարդը, որ որդ մըն է

Ու մարդու որդին՝ որ ճճի մըն է»։

26 1 Այն ատեն Յոբ պատասխանեց.

 «Տկարին ի՞նչ օգնութիւն ըրիր

Եւ ոյժ չունեցող բազուկը ի՞նչպէս զօրացուցիր։

 Անխելքին ի՞նչ խրատ տուիր

Ու ի՞նչ իմաստութիւն ցուցուցիր։

 Դուն որո՞ւ ըսիր այս խօսքերը

Ու որո՞ւն շունչը ելաւ քեզմէ։

Ոգիները վարէն կը դողան,

Նաեւ ջուրերն ու անոնց բնակիչները։

 Դժոխքը բաց է անոր առջեւ

Ու կորուստը անծածկոյթ է։

 Անիկա հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ

Ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ։

 Ջուրերը իր մութ ամպերուն մէջ կը ծրարէ

Ու անոնց տակէն ամպը չի պատռիր։

 Իր աթոռին երեսը կը պահէ,

Անոր վրայ իր ամպը կը տարածէ։

10 Ջուրերուն երեսին վրայ ամէն կողմէն սահմաններ դրաւ

Մինչեւ լոյսին ու խաւարին ծայրը։

11 Երկնքի սիւները կը սարսին

Ու անոր յանդիմանութենէն կ’ապշին։

12 Իր զօրութիւնովը ծովը կը խաղաղեցնէ

Ու իր գիտութիւնովը հպարտութիւնը կը զարնէ։

13 Իր Հոգիովը երկինքը զարդարեց։

Անոր ձեռքը փախչող Վիշապը ստեղծեց։

14 Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը,

Բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է.

Եւ ո՞վ կրնայ իմանալ անոր զօրութեան որոտումը»։

27 1 Յոբ դարձեալ իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.

 «Իմ իրաւունքս մէկդի դնող Աստուածը

Ու հոգիս դառնութեամբ լեցնող Ամենակարողը կենդանի է։

 Քանի որ շունչս վրաս է

Ու ռնգունքներուս մէջ Աստուծոյ հոգին կայ,

 Շրթունքներս անիրաւ բան մը պիտի չըսեն

Ու լեզուս նենգութիւն պիտի չխօսի։

 Քա՛ւ լիցի, որ ձեզ արդարացնեմ։

Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ։

 Իմ արդարութիւնս հաստատ բռներ եմ ու զանիկա պիտի չթողում

Ու կեանքիս մէջ սիրտս բնաւ պիտի չյանդիմանէ զիս։

 Իմ թշնամիս ամբարշտի պէս պիտի ըլլայ

Ու ինծի դէմ ելլողը՝ անզգամի պէս։

 Քանզի կեղծաւորին յոյսը ի՞նչ է (թէեւ հարստութիւն ալ դիզած ըլլայ),

Երբ Աստուած անոր հոգին առնէ։

 Միթէ Աստուած անոր աղաղակը պիտի լսէ՞,

Երբ անոր վրայ փորձանք գայ։

10 Անիկա Ամենակարողին վրայ պիտի ուրախանա՞յ.

Ամէն ժամանակ Աստուծոյ պիտի աղաղակէ՞։

11 Աստուծոյ ձեռքին մէջ եղածը ձեզի պիտի սորվեցնեմ.

Ամենակարողին քով եղածը պիտի չծածկեմ։

12 Ահա դուք ամէնքդ ալ տեսաք

Ու ինչո՞ւ այդպէս բոլորովին ունայնացեր էք։

13 Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը Աստուծոյ առջեւ

Ու բռնաւորներուն Ամենակարողէն առնելու ժառանգութիւնը.

14 Եթէ անոր տղաքը շատնան, սուրի համար է

Ու անոր սերունդը հացով պիտի չկշտանայ։

15 Անոր մնացորդները ժանտախտով պիտի թաղուին,

Բայց անոր որբեւայրիները պիտի չլան։

16 Թէեւ հողի պէս արծաթ դիզէ

Ու տիղմի պէս հանդերձներ պատրաստէ,

17 Անիկա պիտի պատրաստէ, բայց արդարը պիտի հագնի

Ու անմեղը արծաթը պիտի բաժնէ։

18 Իրեն տուն մը կը շինէ սարդի ոստայնի պէս

Ու այգիի պահապանին շինած խրճիթին պէս։

19 Հարուստը կը պառկի ու չ’ամփոփուիր.

Աչքերը կը բանայ ու ոչինչ կ’ըլլայ։

20 Արհաւիրքը ջուրերու պէս անոր պիտի հասնի։

Գիշերով փոթորիկը պիտի յափշտակէ զանիկա։

21 Արեւելեան հովը պիտի քշէ զանիկա ու ան պիտի երթայ

Ու փոթորիկի պէս զանիկա իր տեղէն պիտի վերցնէ։

22 Ամենակարողը իր նետերը անոր դէմ պիտի նետէ ու պիտի չխնայէ.

Ան ալ պիտի ջանայ անոր ձեռքէն փախչիլ։

23 Անոր համար ծափ պիտի զարնեն

Ու անոր եղած տեղէն անոր դէմ պիտի սուլեն»։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՎԵՍՏԸ

28 1 «Արդարեւ արծաթը իր երակը ունի

Ու ոսկին իր զտուելու տեղը։

 Երկաթը հողէն կ’առնուի,

Հանքէն պղինձ կ’ելլէ։

 Մարդը խաւարին վախճան կը դնէ

Ու ամէն բան կատարելապէս կը քննէ,

Շատ ծածուկ պահուած քարերը՝ որոնք մահուան ստուերին մէջ են։

 Իր բնակած տեղին քով փոս կը բանայ.

Ոտք չկոխած տեղը կը կախուին

Ու մարդոցմէ հեռու կ’երերան։

 Երկրէն հաց կ’ելլէ

Ու անոր տակ կրակի նման բաներ կը գտնուին։

 Անոր քարերը շափիւղաներու տեղ են

Ու հոն ոսկիի աւազ կայ։

 Յափշտակող թռչունը անոր շաւիղը ճանչցաւ

Ու անգղին աչքը զանիկա չտեսաւ։

Վայրենի գազանները հոն ոտք կոխած չեն,

Առիւծը անկէ անցած չէ։

 Մարդը իր ձեռքը կ’երկնցնէ ապառաժներուն

Ու լեռները հիմէն կը տապալէ։

10 Ապառաժները ճեղքելով՝ անոնց մէջէն վտակներ կ’անցընէ.

Անոր աչքը կը տեսնէ ամէն թանկագին բան։

11 Գետերը վազելէն կ’արգիլէ

Ու գաղտուկ եղածը երեւան կը հանէ։

12 Բայց իմաստութիւնը ո՞ւր կը գտնուի

Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է։

13 Մարդը անոր յարգը չի գիտեր

Ու կենդանիներուն երկրին մէջ չի գտնուիր։

14 Անդունդը կ’ըսէ. ‘Անիկա իմ մէջս չէ’

Ու ծովը կ’ըսէ. ‘Իմ քովս չէ’։

15 Զուտ ոսկիով ծախու չ’առնուիր

Ու անոր արժէքին համար արծաթ չի կշռուիր,

16 Ո՛չ Ոփիրի ոսկիով կը փոխուի,

Ո՛չ ալ պատուական եղնգնաքարով ու շափիւղայով։

17 Ոսկին ու ակնվանին չեն կրնար անոր հաւասարիլ։

Զուտ ոսկիէ ամաններով չեն փոխանակուիր։

18 Բուստն ու բիւրեղը անոր քով չեն յիշուիր։

Իմաստութեան գինը յակինթներուգինէն աւելի բարձր է։

19 Եթովպիայի տպազիոնին գինը անոր չի հաւասարիր

Ու զուտ ոսկիով չի փոխուիր։

20 Ուրեմն իմաստութիւնը ուրկէ՞ կու գայ

Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է։

21 Բոլոր ապրողներուն աչքերէն ծածկուած

Ու երկնքի թռչուններէն պահուած է։

22 Կորուստն ու մահը կ’ըսեն.

‘Մենք անոր համբաւը մեր ականջներովը լսեր ենք’։

23 Աստուած կը ճանչնայ անոր ճամբան

Ու անոր տեղը ինք գիտէ։

24 Քանզի մինչեւ երկրի ծայրերը կը դիտէ

Ու բոլոր երկնքի տակ եղածը կը տեսնէ։

25 Երբ հովին կշիռ կը դնէր

Ու ջուրերը չափով կը չափէր,

26 Երբ անձրեւին օրէնք

Ու որոտումներուն ճամբայ կ’որոշէր,

27 Այն ատեն տեսաւ զանիկա ու յայտնեց

Պատրաստեց զանիկա ու նաեւ քննեց

28 Ու մարդուն ըսաւ.

‘Ահա Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը

Ու չարութենէ ետ քաշուիլը հանճարն է’»։

ՅՈԲԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՓԱՍՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

29 1 Յոբ նորէն իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.

 «Երանի թէ առաջին ամիսներուն պէս,

Աստուծոյ զիս պահած օրերուն պէս ըլլայի,

 Երբ անոր ճրագը իմ գլխուս վրայ լոյս կու տար

Ու ես խաւարի մէջ անոր լոյսովը կը քալէի։

 Երիտասարդութեանս օրերը եղածիս պէս՝

Երբ Աստուծոյ մտերմութիւնը իմ վրանիս մէջ էր.

 Երբ Ամենակարողը տակաւին ինծի հետ էր

Ու տղաքս իմ բոլորտիքս էին։

 Երբ իմ ճամբաներս կոգիով կը թրջէի

Ու ապառաժէն ինծի համար ձէթի հեղեղներ կը վազէին։

 Երբ դռնէն քաղաքը կ’ելլէի

Ու աթոռս հրապարակին մէջ կը դնէի,

 Երիտասարդները զիս տեսնելով կը պահուէին

Ու ծերերը ոտքի կ’ելլէին, կը կանգնէին,

 Իշխանները խօսելէն կը դադարէին

Ու ձեռքերնին իրենց բերնին վրայ կը դնէին,

10 Ազնուականները ձայներնին կը կտրէին,

Անոնց լեզուն իրենց քիմքին կը փակչէր։

11 Ինծի մտիկ ընող ականջը ‘Երանի՜’ կ’ըսէր ինծի

Ու զիս տեսնող աչքը կը վկայէր ինծի համար։

12 Վասն զի ես աղաղակող աղքատը

Եւ որբն ու օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի։

13 Կորսուելու վրայ եղողին օրհնութիւնը վրաս կու գար

Ու որբեւայրիին սիրտը կ’ուրախացնէի։

14 Արդարութիւն կը հագնէի։ Անիկա էր իմ հանդերձս։

Ու ուղղամտութիւնը պատմուճանի ու խոյրի պէս էր։

15 Կոյրին աչքեր էի

Ու կաղին՝ ոտքեր։

16 Աղքատին հայր էի։

Կը պաշտպանէի իրաւունքը անոր, որ չէի ճանչնար։

17 Անիրաւին ժանիքը կը կոտրէի

Ու անոր ակռաներէն որսը կը խլէի

18 Ու կ’ըսէի. «Բոյնիս մէջ պիտի մեռնիմ

Եւ օրերս աւազի պէս պիտի շատցնեմ։

19 Արմատս դէպի ջուրերը կը տարածուէր

Ու ցօղը բոլոր գիշերը ոստերուս վրայ էր։

20 Փառքս իմ վրաս կը նորոգուէր

Ու աղեղս ձեռքիս մէջ կ’ուժովնար»։

21 Մարդիկ ինծի մտիկ կ’ընէին ու կը սպասէին։

Երբ իմ խորհուրդս յայտնէի՝ լուռ կը կենային։

22 Իմ խօսելէս յետոյ անոնք ա՛լ չէին խօսեր։

Ու իմ խօսքս անոնց վրայ կը կաթէր։

23 Անձրեւի սպասելու պէս ինծի կը սպասէին

Ու վերջին անձրեւին փափաքելու պէս բերաննին կը բանային։

24 Եթէ անոնց վրայ խնդայի՝ չէին հաւատար

Ու երեսիս լոյսը չէին կրնար արհամարհել։

25 Անոնց ճամբաները ընտրելով՝ իբր իշխան կը նստէի

Եւ իր զօրքին մէջ եղող թագաւորի մը պէս

Ու սգաւորներուն՝ մխիթարիչի մը պէս կը բնակէի։

30 1 «Բայց հիմա տարիքով ինձմէ պզտիկ եղողները զիս կը ծաղրեն,

Որոնց հայրերը հօտերուս շուներուն հետ դնելու չէի հաճիր.

 Անոնց ձեռքերուն ոյժը ինծի ի՞նչ օգուտ ունէր,

Անոնց առուգութիւնը կորսուած էր։

 Չքաւորութենէ ու անօթութենէ նիհարցեր էին։

Դէպի անապատը՝ մթին, աւերակ ու վայրի տեղերը կը փախչէին։

 Կերակուրի համար մացառներուն քովի մոլոշները կը քաղէին

Ու գիհիի արմատ կը հաւաքէին։

 Մարդոց մէջէն կը վռնտուէին։

Անոնց ետեւէն գողի ետեւէ պոռալու պէս կը պոռային։

 Սոսկալի ձորերու մէջ կը բնակէին,

Հողի ու ապառաժներու ծակտիքներուն մէջ։

 Մացառներու մէջ կը կանչվռտէին,

Եղիճներու տակ կը հաւաքուէին։

 Յիմար ու աննշան մարդոց զաւակներ ըլլալով՝

Երկրէն կը վռնտուէին։

 Ու հիմա ես անոնց խաղը՝

Նաեւ անոնց ծաղրանքի առարկան եղեր եմ։

10 Ինձմէ գարշելով կը հեռանան քովէս։

Երեսս թքնելէ չեն քաշուիր։

11 Քանի որ Աստուած իմ կապս թուլցնելով՝ զիս խոնարհեցուց։

Անոնք իմ ներկայութեանս երասանակը կը թողուն։

12 Աջ կողմէս լակոտներ կ’ելլեն,

Անոնք ոտքերս յառաջ կը հրեն

Ու ինծի դէմ իրենց կորստեան ճամբաներ կը պատրաստեն։

13 Անոնք շաւիղներս կ’աւրեն, վիշտս կ’աւելցնեն

Ու անոնց դէմ ինծի օգնութիւն ընող մը չկայ։

14 Լայն խրամատէ մը գալու պէս կը յարձակին,

Աւերակներու տակէն վրաս կը դիմեն։

15 Արհաւիրքները իմ վրաս դարձան

Ու հովի պէս իմ պատիւս կը հալածեն

Ու ազատութիւնս ամպի պէս անցաւ։

16 Հիմա հոգիս իմ ներսիդիս կը հալի,

Տրտմութեան օրերը զիս պաշարեցին։

17 Իմ ցաւս գիշերը ոսկորներս ծակեց

Ու ջիղերս հանգստութիւն չունեցան։

18 Իր մեծ զօրութիւնովը իմ հանդերձս փոխեց

Ու իմ պատմուճանիս օձիքին պէս պատեց զիս։

19 Զիս ցեխի մէջ նետեց,

Ես հողի ու մոխիրի նմանեցայ։

20 Ես քեզի կ’աղաղակեմ ու ինծի պատասխան չես տար.

Կը կանգնիմ ու դուն ինծի ուշադրութիւն չես ըներ։

21 Դուն ինծի հանդէպ անգութ եղար,

Ձեռքիդ զօրութիւնովը թշնամիի պէս կը վարուիս ինծի հետ։

22 Զիս վերցնելով հովին վրայ կը հեծցնես

Ու զիս մրրիկով կը հատցնես։

23 Ստոյգ գիտեմ թէ զիս մահուան պիտի տանիս,

Բոլոր ապրողներուն համար սահմանուած տունը։

24 Անիկա աւերմունքին վրայ ձեռք պիտի չերկնցնէ,

Եթէ կորստեան ատեն անոր աղաչեն։

25 Դժբաղդութեան մէջ եղողին համար չէի՞ լար.

Աղքատին համար հոգիս չէ՞ր նեղանար։

26 Բայց երբ ես բարիք կը յուսայի՝ չարիքը հասաւ

Ու երբ լոյսին կը սպասէի՝ խաւարը եկաւ։

27 Փորոտիքս եռաց ու չհանդարտեցաւ։

Թշուառութեանս օրերը ինծի հասան։

28 Սեւցած պտըտեցայ, բայց՝ ոչ արեւէն։

Ելայ ու ժողովուրդին մէջ աղաղակեցի։

29 Չագալներուն՝ եղբայր,

Ջայլամներուն ընկեր եղայ։

30 Մորթս վրաս սեւցաւ,

Ոսկորներս տաքութենէն այրեցան։

31 Ատոր համար իմ քնարս սուգի փոխուեցաւ

Ու իմ սրինգս՝ լալկաններու ձայնի։

31 1 «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի.

Ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ։

 Քանզի վերէն՝ Աստուծմէ՝ ի՞նչ բաժին պիտի տրուի ինծի

Ու բարձր տեղերէն, Ամենակարողէն՝ ի՞նչ ժառանգութիւն։

 Կորուստը ամբարշտին համար սահմանուած չէ՞

Ու սոսկալի պատիժը՝ անօրէնութիւն գործողներուն համար։

 Միթէ Անիկա իմ ճամբաներս չի՞ տեսներ

Ու ամէն քայլերս չի՞ համրեր։

 Եթէ ստութեան մէջ քալեցի,

Կամ իմ ոտքս նենգութեան արտորաց,

 Թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով

Ու Աստուած իմ անմեղութիւնս գիտնայ։

 Եթէ ոտքս ճամբայէն խոտորեցաւ

Ու սիրտս աչքերուս ետեւէն գնաց

Ու ձեռքերուս արատ մը փակաւ,

 Թող ես սերմանեմ եւ ուրիշը ուտէ

Ու բուսցուցածս արմատէն թող փրցուի։

 Եթէ սիրտս կնոջ մը ետեւէն մոլորեցաւ,

Կամ թէ դրացիիս դուռը դարանամուտ եղայ,

10 Իմ կինս ուրիշի մը համար աղօրիքի քար թող դարձնէ

Եւ ուրիշները անոր վրայ թող ծռին։

11 Վասն զի այս պղծագործութիւն է

Ու դատաւորներէն դատուելու՝ անօրէնութիւն։

12 Լափող կրակ մըն է, որ պիտի վառի մինչեւ զիս կորսնցնէ

Ու բոլոր արդիւնքս արմատէն խլէ։

13 Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս իրաւունք ընել չուզեցի

Ու ինծի հետ վէճ ունեցան,

14 Ես ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ Աստուած ելլէ

Ու երբ քննէ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ անոր։

15 Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց։

Մէկ չէ՞ մեզ ամէնքս ալ արգանդի մէջ ձեւակերպողը։

16 Եթէ աղքատին խնդրածը չտուի

Ու որբեւայրիին աչքերը մարեցուցի,

17 Եթէ պատառս մինակ կերայ

Ու անկէ որբն ալ չկերաւ,

18 (Վասն զի երիտասարդութենէս ի վեր հօր պէս մեծցուցի զանիկա

Ու մօրս արգանդէն անոր խնամք տարի),

19 Եթէ հանդերձ չունեցող մը՝ կորսուելու վրայ,

Կամ ծածկոց չունեցող չքաւոր մը տեսայ

20 Ու եթէ անոր երանքը չօրհնեցին զիս

Ու իմ ոչխարներուս բուրդէն չտաքցան,

21 Եթէ ձեռքս որբին դէմ վերցուցի,

Երբ տեսայ թէ դրանը մէջ ինծի օգնականներ կան,

22 Թող իմ անրակս ուսէս իյնայ

Ու բազուկս արմուկէս կտրուի։

23 Քանի որ Աստուծոյ դատաստանէն կը վախնայի

Ու անոր մեծափառութեանը առջեւ չէի կրնար կենալ։

24 Եթէ յոյսս ոսկիի վրայ դրի,

Զուտ ոսկիին ըսի թէ՝ ‘Իմ վստահութիւնս դուն ես’.

25 Եթէ ստացուածքս շատ ըլլալուն համար

Ու ձեռքս շատ ստանալուն համար ուրախացայ,

26 Եթէ արեւին նայեցայ՝ անոր խիստ փայլուն եղած ատենը,

Կամ պայծառութեամբ քալող լուսնին

27 Ու սիրտս գաղտնօրէն հրապուրուեցաւ

Ու բերանս ձեռքս համբուրեց

28 (Որ այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է,

Քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ’ըլլայի),

29 Եթէ զիս ատողին թշուառութեանը վրայ ուրախացայ,

Կամ անոր փորձանքի հանդիպելուն ատեն խնդացի

30 (Լեզուիս ալ չթողուցի, որ մեղք գործէ՝

Անէծքով անոր մեռնիլը ուզելով),

31 Եթէ վրանիս մարդիկը չըսին՝

‘Ո՞վ անոր միսէն չէ կշտացած’

32 (Հիւրը երբեք գիշերը դուրսը չէր մնար,

Ճանապարհորդին դուռս կը բանայի).

33 Եթէ յանցանքներս Ադամին պէս ծածկեցի

Ու անօրէնութիւնս ծոցիս մէջ պահեցի,

34 Շատ բազմութենէ վախնալով

Ու ազգերուն անարգութիւնը զիս վախցնելով,

Ա՛լ չխօսիմ ու դռնէն չելլեմ։

35 Երանի՜ թէ ինծի ականջ դնող մը ըլլար

(Ահա այս է իմ փափաքս, որ Ամենակարողը ինծի պատասխան տայ)

Ու իմ ոսոխիս ամբաստանագիր մը գրէր։

36 Անշուշտ զանիկա իմ ուսիս վրայ պիտի կրէի

Ու պսակի պէս ինծի պիտի կապէի.

37 Քայլերուս համրանքը անոր պիտի ըսէի,

Իշխանի պէս պիտի մօտենայի անոր։

38 Եթէ իմ երկիրս ինծի դէմ բողոքէ

Ու անոր ակօսները լան,

39 Եթէ անոր արդիւնքը առանց ստակի կերայ,

Կամ անոր տէրերուն հոգին հանեցի,

40 Ցորենին տեղ՝ փուշ

Ու գարիին տեղ որոմ թող բուսցնէ»։

Յոբին խօսքերը լմնցան։

ԵՂԻՈՒՍԻՆ ԽՕՍՔԸ

(32։1–37։24)

32 1 Այն ատեն այս երեք մարդիկը Յոբին պատասխան տալէն դադրեցան, վասն զի անիկա իր աչքերուն առջեւ արդար կ’երեւնար։ Եւ Արամին ազգատոհմէն Բուզացի Բարաքիէլին որդիին Եղիուսին բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Անոր բարկութիւնը Յոբին դէմ բորբոքեցաւ, վասն զի Աստուծմէ աւելի ինքզինք կ’արդարացնէր։ Նաեւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ անոր երեք բարեկամներուն դէմ, որովհետեւ պատասխան չգտան, թէեւ Յոբը յանցաւոր հանեցին։ Եղիուս Յոբին խօսքերուն լմննալուն սպասեր էր, որովհետեւ անոնք իրմէ ծեր էին։ Բայց երբ Եղիուս տեսաւ թէ այն երեք մարդոց բերանը ա՛լ պատասխան չմնաց, իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Այն ատեն Բուզացի Բարաքիէլին որդին Եղիուս պատասխանեց.

«Ես տարիքով փոքր եմ ու դուք աւելի ծեր էք,

անոր համար ետ կեցայ ու կարծիքս ձեզի յայտնելու վախցայ.

 Ըսի թէ՝ ‘Երկար կեանքը թող խօսի

Ու տարիներուն շատութիւնը թող իմաստութիւնը գիտցնէ’,

 Բայց մարդուն ներսիդին հոգի կայ

Ու Ամենակարողին շունչը անոնց իմանալու կարողութիւն կու տայ։

 Միշտ մեծերը իմաստուն չեն ըլլար

Ու ծերերը շիտակը չեն հասկնար։

10 Անոր համար ըսի. ‘Ինծի մտիկ ըրէք’,

Որպէս զի ես ալ իմ գիտցածս ըսեմ’։

11 Ահա ես ձեր խօսքերուն սպասեցի,

Ձեր փաստերուն ականջ դրի,

Մինչեւ որ անոր խօսքերը քննեցիք։

12 Ես ձեզի աղէկ ուշադրութիւն ըրի

Եւ ձեզմէ մէկը չկար, որ Յոբը յանդիմանէր

Ու անոր խօսքերուն պատասխան տար։

13 Չըլլայ որ ըսէք՝ ‘Իմաստութիւն գտանք.

Աստուած է որ անոր կրնայ յաղթել եւ ո՛չ թէ մարդը’։

14 Անիկա իր խօսքերը ինծի դէմ չպատրաստեց,

Ես ալ ձեր խօսքերուն համեմատ անոր պատասխան պիտի չտամ։

15 Անոնք ապշեցան, ա՛լ պատասխան չտուին,

Անոնց խօսքերը հատան

16 Ու ես սպասեցի, մինչեւ որ ա՛լ բան մը չըսին,

Մունչ կեցան ու ա՛լ չկրկնեցին։

17 Ես ալ իմ կարգիս պատասխան տամ,

Ես ալ իմ կարծիքս յայտնեմ։

18 Վասն զի խօսքերով լեցուն եմ,

Իմ ներսիդիս եղած հոգին զիս կը ստիպէ։

19 Ահա որովայնս չբացուած գինիի պէս է,

Նոր տիկերու պէս պատռելու վրայ է։

20 Պէտք է խօսիմ, որպէս զի շունչ առնեմ,

Շրթունքներս բանամ ու պատասխան տամ։

21 Աղէ՜, մէկո՛ւն աչառութիւն պիտի չընեմ

Ու մարդո՛ւ մը շողոքորթութիւն պիտի չընեմ.

22 Քանզի չեմ գիտեր շողոքորթութիւն ընել.

Զիս Ստեղծողը շուտով զիս պիտի վերջացնէր։

33 1 «Բայց, աղէ՜, ո՛վ Յոբ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ,

Բոլոր ըսածներուս ականջ դիր։

 Ահա հիմա բերանս կը բանամ

Ու լեզուս բերնիս մէջ կը խօսի։

 Խօսքերս սրտիս ուղղութեանը պէս պիտի ըլլան

Ու շրթունքներս զուտ իմաստութիւն պիտի խօսին։

 Զիս Աստուծոյ Հոգին ստեղծեց ու Ամենակարողին շունչը ինծի կեանք տուաւ։

 Եթէ կրնաս, պատասխան տուր ինծի,

Պատրաստուելով առջեւս կեցիր։

 Ահա ես քու ըսածիդ համեմատ Աստուծոյ համար կը կենամ,

Ես ալ հողէն ստեղծուեցայ։

 Ահա իմ երկիւղս քեզ պիտի չզարհուրեցնէ

Ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չծանրանայ։

 Արդարեւ ականջիս ըսիր

Ու խօսքերուդ ձայնը լսեցի, որ ըսիր.

‘Ես մաքուր եմ ու առանց յանցանքի.

Ես անարատ եմ ու իմ վրաս անօրէնութիւն չկայ.

10 Ահա անիկա ատելութեան պատճառանք կը գտնէ

Զիս իրեն թշնամի կը սեպէ.

11 Ոտքերս կոճղերու մէջ կը դնէ,

Իմ բոլոր շաւիղներս կը դիտէ’։

12 Ահա քեզի պատասխան կու տամ,

Որ այս բանին մէջ իրաւունք չունիս,

Վասն զի Աստուած մարդէն մեծ է։

13 Անոր հետ ինչո՞ւ կը վիճիս,

Որովհետեւ անիկա բնաւ իր ըրածներուն հաշիւը չի տար։

14 Յիրաւի Աստուած մէկ անգամ կամ երկու անգամ կը խօսի

(Թէեւ մարդը ուշադրութիւն չ’ըներ),

15 Երազի մէջ, գիշերուան տեսիլքի մէջ,

Երբ խորունկ քուն մը կ’իյնայ մարդոց վրայ,

Երբ անոնք իրենց անկողիններուն մէջ կը քնանան։

16 Այն ատեն մարդոց ականջները կը բանայ

Ու իր խրատով կը զգուշացնէ,

17 Որպէս զի մարդը գէշ գործէ դարձնէ

Ու մարդէն հպարտութիւնը արգիլէ։

18 Անոր հոգին գերեզմանէն կը պահէ

Ու կեանքը՝ որպէս զի սրով չմեռնի։

19 Նաեւ մարդը իր անկողնին մէջ ցաւով կը պատժուի

Եւ իր բոլոր ոսկորները՝ սաստիկ ցաւով։

20 Այն ատեն անոր անձը հացէն կը զզուի

Եւ անոր հոգին՝ փափաքելի կերակուրէն։

21 Անոր մարմինը այնպէս կը հալի, որ ալ չ’երեւնայ

Ու անոր չերեւցած ոսկորները դուրս կ’ելլեն։

22 Անոր անձը գերեզմանին կը մօտենայ

Ու անոր կեանքը՝ կորուստի։

23 Եթէ անոր քով միջնորդ պատգամաւոր մը ըլլայ,

Հազարէն մէկը,

Որ անոր ուղղութիւնը մարդուն իմացնէ,

24 Այն ատեն անոր ողորմելով պիտի ըսէ.

‘Ազատէ զանիկա, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ։

Ես քաւութիւն մը գտայ։

25 Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ

Ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ’։

26 Աստուծոյ պիտի աղաղակէ ու Աստուած զանիկա պիտի ընդունի

Ու անոր երեսը ուրախութեամբ պիտի տեսնէ.

Քանզի Անիկա պիտի հատուցանէ մարդուն՝ անոր արդարութեանը համեմատ։

27 Անիկա մարդոց վրայ կը նայի

Ու եթէ մէկը ըսէ՝ ‘Մեղք գործեցի ու իրաւունքը աւրեցի

Ու ասիկա ինծի օգտակար չեղաւ,

28 Աստուած իմ հոգիս ազատեց, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ.

Այլ իմ կեանքս լոյսը տեսնէ’։

29 Ահա Աստուած այս բոլոր բաները

Երկու երեք անգամ մարդուն կ’ընէ,

30 Որպէս զի անոր հոգին գերեզմանէն դարձնէ,

Որպէս զի ապրողներուն լոյսովը լուսաւորուի։

31 Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յոբ, ինծի մտիկ ըրէ,

Լուռ կեցիր, որպէս զի ես խօսիմ։

32 Եթէ ըսելիք ունիս՝ ինծի պատասխան տուր.

Ըսէ, վասն զի քեզ արդարացնել կը փափաքիմ։

33 Եթէ ոչ՝ ինծի՛ մտիկ ըրէ,

Լո՛ւռ կեցիր, որպէս զի ես քեզի

Իմաստութիւն սորվեցնեմ»։

34 1 Այն ատեն Եղիուս իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ.

 «Ո՛վ իմաստուններ, իմ խօսքերուս մտիկ ըրէք

Եւ դո՛ւք, ո՛վ գիտուններ, ինծի ականջ դրէք։

 Քանզի ականջը խօսքերը կ’որոշէ,

Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։

 Իրաւունքը մեզի ընտրենք,

Մեր մէջ գիտնանք թէ ո՞ր բանը աղէկ է։

 Որովհետեւ Յոբ ըսաւ.

‘Ես արդար եմ,

Բայց Աստուած իմ իրաւունքս մէկդի ձգեց։

 Միթէ իմ իրաւունքս սո՞ւտ պիտի հանեմ.

Իմ վէրքս մահաբեր է, թէեւ յանցանք չունիմ’։

 Յոբի պէս մարդ ո՞վ կայ,

Որ հայհոյութիւնը ջուրի պէս խմէ.

 Որ անօրէնութիւն գործողներուն հետ ընկերութեամբ պտըտի

Ու ամբարիշտ մարդոց հետ քալէ.

 Վասն զի ըսաւ.

‘Աստուծոյ հաճոյ ըլլալէն մարդուս օգուտ մը չկայ’։

10 Ասոր համար ինծի մտիկ ըրէք, ո՛վ իմաստուններ,

Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն

Ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ։

11 Որովհետեւ Անիկա մարդուն ըրածին համեմատ կը հատուցանէ

Ու ամէն մարդու՝ իր ճամբուն համեմատ գտնել կու տայ։

12 Արդարեւ Աստուած անօրէնութիւն չ’ըներ

Ու Ամենակարողը դատը չի ծռեր։

13 Երկիրը ո՞վ յանձնեց անոր

Ու բոլոր աշխարհը ո՞վ կարգի դրաւ։

14 Եթէ իր սիրտը այսպէս ուզելու ըլլայ,

Մարդուս հոգին ու շունչը իրեն կը հաւաքէ։

15 Այն ատեն ամէն մարմին մէկէն կը մեռնի

Ու մարդը հող կը դառնայ։

16 Հիմա եթէ հասկացողութիւն ունիս՝ ասոր մտիկ ըրէ.

Խօսքերուս ձայնին ակա՛նջ դիր։

17 Միթէ արդարութիւնը ատողը կրնա՞յ իշխել,

Կամ արդար Հզօրը յանցաւոր կրնա՞ս հանել։

18 Ան՝ որ թագաւորին կ’ըսէ՝ ‘Եղեռնագործ ես’

Ու ազնուականներուն՝ թէ ‘Չար մարդիկ էք’.

19 Ան՝ որ իշխաններուն աչառութիւն չ’ըներ

Ու հարուստը աղքատէն աւելի չի խնամեր,

Որովհետեւ անոնք բոլորն ալ իր ձեռքերուն գործերն են,

20 Մէկ վայրկեանի մէջ պիտի մեռնին։

Կէս գիշերին ժողովուրդը խռովութեան մէջ իյնալով՝ պիտի անցնին

Ու զօրեղները պիտի վերցուին՝ առանց մէկուն ձեռքը անոնց դպչելուն։

21 Վասն զի Անոր աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են

Ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն։

22 Ո՛չ խաւար կայ եւ ո՛չ մահուան շուք՝

Որ անօրէնութիւն գործողները հոն պահուըտին։

23 Վասն զի մարդուս վրայ երկար քննութիւն չ’ըներ.

Երբ անիկա Աստուծոյ առջեւ դատաստանի երթայ։

24 Անիմանալի կերպով զօրաւորները կը կոտրէ

Ու անոնց տեղը ուրիշներ կը հաստատէ։

25 Քանզի անոնց գործերը գիտէ

Ու զանոնք գիշերով տակնուվրայ կ’ընէ ու կը խորտակուին։

26 Անոնց ամբարիշտ ըլլալուն համար՝

Ամենուն առջեւ զանոնք կը զարնէ։

27 Որովհետեւ անոր չհետեւեցան

Ու անոր ճամբաները բնաւ չճանչցան.

28 Այնպէս որ աղքատին աղաղակը անոր հասցուցին

Ու անիկա զրկեալներուն աղաղակը լսեց։

29 Եթէ անիկա հանգստութիւն տայ,

Ո՞վ կրնայ նեղութիւն տալ։

Ու եթէ անիկա երեսը պահէ,

Ո՞վ կրնայ զանիկա տեսնել

Ու այսպէս է թէ՛ ազգի մը եւ թէ՛ մարդու մը։

30 Որպէս զի կեղծաւոր մարդը չթագաւորէ

Ու ժողովուրդին որոգայթ չըլլայ։

31 Արդարեւ պէտք է Աստուծոյ ըսել՝

‘Պատիժ կրեցի, ա՛լ չարութիւն չեմ ըներ.

32 Ինծի ցուցուր ինչ որ չեմ տեսներ.

Եթէ ամբարշտութիւն գործեցի, ա՛լ չեմ գործեր’։

33 Արդեօք քու ուզածի՞դ պէս պիտի հատուցանէ, որ հակառակ կը կենաս.

Քանզի դո՛ւն ընտրելու ես, ո՛չ թէ ես.

Ուրեմն ինչ որ գիտես, խօսէ՛։

34 Իմաստունները պիտի ըսեն ինծի հետ

(Ու գիտուն մարդը, որ ինծի մտիկ կ’ընէ)՝

35 ‘Յոբ խելացութիւնով չխօսեցաւ

Ու անոր խօսքերը իմաստութեամբ չեն’։

36 Իմ փափաքս այս է, որ Յոբ մինչեւ վերջը փորձուի.

Վասն զի ամբարիշտներու պէս պատասխաններ տուաւ։

37 Քանզի իր մեղքին վրայ ապստամբութիւն կ’աւելցնէ,

Մեր մէջ ծափ կը զարնէ

Ու Աստուծոյ դէմ իր խօսքերը կը շատցնէ»։

35 1 Դարձեալ Եղիուս իր խօսքերը շարունակելով՝ ըսաւ.

 «Արդեօք կը կարծես թէ ասիկա շիտա՞կ է,

Երբ ըսիր թէ ‘Ես Աստուծոյ առջեւ արդար եմ’։

 Քանզի դուն ըսիր՝ ‘Քեզի ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ.

Մեղքէս աւելի ի՞նչ կը վաստկիմ’։

 Ահա ես քեզի պատասխան կու տամ,

Նաեւ քեզի հետ քու բարեկամներուդ

 Երկինք նայէ՛ ու տե՛ս.

Ամպերը դիտէ՛, որոնք քեզմէ աւելի բարձր են։

 Եթէ դուն մեղք գործես, Անոր դէմ ի՞նչ ըրած կ’ըլլաս

Ու երբ քու անօրէնութիւններդ շատնան, Անոր ի՞նչ կ’ընես։

 Եթէ արդար ես՝ Անոր ի՞նչ կու տաս,

Կամ անիկա քու ձեռքէդ ի՞նչ կ’առնէ։

 Քու ամբարշտութիւնդ քեզի պէս մարդուն

Ու արդարութիւնդ մարդու որդիին օգուտ չունին։

 Անիրաւութիւններուն շատութենէն կը բողոքեն,

Բռնաւորներուն բազուկին համար կ’աղաղակեն։

10 Բայց մէ՛կը չ’ըսեր թէ ‘Զիս ստեղծող Աստուածը ո՞ւր է,

Ան որ գիշերուան մէջ երգեր կու տայ,

11 Ան որ մեզ՝ երկրի անասուններէն աւելի գիտուն

Ու երկնքի թռչուններէն աւելի իմաստուն կ’ընէ’։

12 Հոն չարերուն հպարտութեանը համար կ’աղաղակեն,

Բայց Աստուած պատասխան չի տար։

13 Արդարեւ Աստուած ունայնութեան մտիկ չ’ըներ

Ու Ամենակարողը անոր չի նայիր։

14 Ու թէեւ կ’ըսես թէ Զանիկա չես տեսներ,

Բայց հարցը անոր առջեւն է, ուստի անոր յուսա։

15 Հիմա իր բարկութեան ըրածը բան մը չէ

Ու անօրէնութիւնը նկատի առած չէ։

16 Ուստի Յոբ իր բերանը զուր տեղը բանալով՝

Առանց գիտութեան խօսքեր կը շատցնէ»։

36 1 Ու Եղիուս շարունակելով՝ ըսաւ.

 «Քիչ մը համբերէ ինծի ու ես քեզի յայտնեմ,

Թէ Աստուծոյ համար ուրիշ խօսելիք ալ ունիմ։

 Գիտութիւնս հեռուէն պիտի առնեմ

Ու արդարութիւնը Ստեղծողիս ընծայեմ։

 Իրաւցնէ իմ խօսքերս սուտ չեն։

Գիտութեամբ կատարեալ մէկը քու քովդ է։

 Ահա Աստուած հզօր է, բայց մէ՛կը չ’արհամարհեր,

Անիկա հզօր է իր սրտին զօրութիւնովը։

 Անիկա ամբարիշտը չ’ապրեցներ

Ու նեղեալներուն իրաւունք կ’ընէ.

 Արդարներուն վրայէն աչքերը չի վերցներ

Ու զանոնք թագաւորներուն հետ աթոռի վրայ կը դնէ։

Զանոնք յաւիտեան կը նստեցնէ ու կը բարձրանան։

 Անոնք եթէ շղթաներով կապուելով

Թշուառութեան կապերուն մէջ բռնուին,

 Այն ատեն անոնց կը յայտնէ իրենց գործերը

Ու իրենց յանցանքներուն շատնալը։

10 Նաեւ անոնց ականջը կը բանայ,

Որպէս զի խրատ ընդունին

Եւ անոնց կը պատուիրէ, որ անօրէնութենէ դառնան։

11 Եթէ անոնք հնազանդելով՝ անոր ծառայութիւն ընեն,

Իրենց օրերը բարութիւնով եւ տարիները ուրախութիւնով պիտի անցընեն։

12 Բայց եթէ անոնք չհնազանդին, սուրէ պիտի անցնին

Ու առանց գիտութեան պիտի մեռնին։

13 Անոնք որ սրտով կեղծաւոր են, իրենց վրայ բարկութիւն կը դիզեն.

Երբ զանոնք կապէ, անոր չեն աղաղակեր։

14 Անոնց անձը երիտասարդութեան մէջ պիտի մեռնի

Ու անոնց կեանքը պիղծերուն մէջ պիտի վախճանի։

15 Աղքատը կ’ազատէ իր թշուառութեանը ատենը

Ու նեղութեան մէջ անոր ականջը կը բանայ։

16 Քեզ ալ նեղութենէ պիտի ազատէր

Ու այնպիսի ընդարձակութեան բերէր, ուր նեղութիւն չկայ

Ու քու սեղանդ դրուածը պարարտութեամբ լեցուն պիտի ըլլար։

17 Բայց եթէ դուն չարին դատը պաշտպանեցիր,

Իրաւունքն ու դատաստանը քեզ պիտի բռնեն։

18 Որովհետեւ բարկութիւն կայ, չըլլայ որ հարուածով մը քեզ վերցնէ.

Այն ատեն մեծ փրկանքը քեզ չի կրնար ազատել։

19 Միթէ անիկա քու հարստութիւնդ բանի մը տեղ կը դնէ՞.

Ո՛չ ոսկին ու ո՛չ մեծ գանձերը բան մը կը համարէ։

20 Մի՛ փափաքիր այն գիշերուան,

Որուն մէջ ժողովուրդները իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան։

21 Զգուշացիր անօրէնութեան դառնալէ.

Վասն զի դուն ասիկա թշուառութենէ աւելի նախընտրեցիր։

22 Ահա Աստուած իր զօրութիւնովը բարձրացած է.

Ո՞վ կրնայ անոր պէս սորվեցնել։

23 Անոր քալելու ճամբան ո՞վ որոշեց

Եւ ո՞վ ըսաւ անոր թէ՝ ‘Դուն անիրաւութիւն գործեցիր’։

24 Միտքդ պահէ որ մեծարես անոր գործերը,

Որոնք մարդիկ կը տեսնեն։

25 Ամէն մարդ կը տեսնէ զանոնք,

Իւրաքանչիւր ոք հեռուէն կը դիտէ։

26 Ահա Աստուած մեծ է ու մենք չենք գիտեր

Եւ անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է։

27 Վասն զի ջուրերուն կաթիլները կը քաշէ,

Որոնք իր գոլորշիէն անձրեւ կը թափեն,

28 Որ ամպերը վազցնելով

Մարդոց վրայ առատօրէն կը կաթեցնեն։

29 Բայց ոեւէ մէկը ամպերուն տարածուիլը

Ու անոր վրանին գոռումը կրնա՞յ հասկնալ։

30 Ահա անոր վրայ իր լոյսը կը տարածէ

Ու ծովուն խորութիւնը կը ծածկէ։

31 Ժողովուրդները այս բաներով կը դատէ

Ու առատօրէն կերակուր կու տայ։

32 Ափովը կայծակը կը ծածկէ

Ու կը հրամայէ որ նշանակէտին զարնէ։

33 Անոր կը ցուցնէ իր բարեկամը.

Անօրէնութեան դէմ բարկութիւն կը դիզուի։

37 1 Ասոր համար ալ սիրտս կը դողայ

Ու իր տեղէն կ’երերայ։

 Անոր ձայնին որոտումին

Ու անոր բերնէն ելած շառաչիւնին մտիկ ըրէ՛ք։

 Բոլոր երկնքի տակ կը ղրկէ զանիկա

Ու անոր լոյսը՝ մինչեւ երկրին ծայրերը։

 Անոր ետեւէն մեծ ձայն մը կ’ելլէ,

Իր վեհափառութեան ձայնովը կ’որոտայ

Ու իր ձայնը լսուելէն յետոյ չ’ուշացներ։

 Աստուած իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ

Ու այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ։

 Վասն զի անիկա կ’ըսէ ձիւնին.

‘Երկրի վրայ իջիր’։

Նաեւ սաստիկ անձրեւին ու իր զօրութեանը սաստիկ անձրեւներուն։

 Անիկա ամէն մարդու ձեռքը կը կնքէ,

Որպէս զի իր ստեղծած բոլոր մարդիկը հասկնան։

 Գազանները որջերնին կը մտնեն

Ու քարայրներու մէջ կը բնակին։

 Հարաւէն փոթորիկ կու գայ

Ու հիւսիսէն՝ ցուրտ։

10 Աստուծոյ շունչէն սառնամանիք կը տրուի

Ու ջուրերուն լայնութիւնը կը նեղնայ։

11 Խիստ ամպերը խոնաւութեամբ կը լեցնէ,

Իր փայլակը ամպերը կը ցրուէ։

12 Անոր խորհրդովը տեղէ տեղ կը փոխադրուին,

Որպէս զի աշխարհի երեսը՝ երկրի վրայ անոր բոլոր հրամանները կատարեն։

13 Զանոնք կը բերէ՝ թէ՛ խրատի համար,

Թէ՛ իր երկրին համար եւ թէ՛ շնորհքի համար։

14 Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛.

Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն վրայ մտածէ՛։

15 Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչպէս կը կարգաւորէ զանոնք

Եւ իր ամպէն լոյս կը փայլեցնէ։

16 Գիտե՞ս ամպերուն հաւասարակշռութիւնը

Ու իմաստութեամբ կատարեալ եղողին սքանչելիքները։

17 Երկիրը հարաւային հովէն հանգստացուցած ժամանակը,

Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ համար քու հանդերձներդ կը տաքնան։

18 Անոր հետ մէկտե՞ղ տարածեցիր երկինքը,

Որ ամուր է թափծու հայելիի պէս։

19 Սորվեցուր մեզի թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոր.

Վասն զի մթութեան պատճառով չենք կրնար մեր խօսքը կարգադրել։

20 Եթէ ես խօսելու ըլլամ, պիտի պատմուի՞ անոր,

Եթէ մէկ խօսի, անշուշտ պիտի կլլուի՞։

21 Ու հիմա ալ չեն կրնար նայիլ, երբ երկինք կը փայլատակէ,

Բայց հովը կ’անցնի ու զանիկա կը սրբէ։

22 Ահա հիւսիսէն ոսկիի պէս լոյս կու գայ։

Աստուած ահաւոր փառաբանութիւն հագած է։

23 Անիկա Ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա.

Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու արդարութեամբ

Ու մէկո՛ւն զրկանք չ’ըներ։ 24 Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ.

Սրտով իմաստուններուն բնաւ չի նայիր»։

ՏԷՐԸ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՅՈԲԻՆ

38 1 Այն ատեն Եհովա փոթորիկին մէջէն պատասխան տալով Յոբին՝ ըսաւ.

 «Ո՞վ է ատիկա, որ անիմաստ խօսքերով

Խորհուրդը կը նսեմացնէ։

 Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛.

Քեզի հարցնեմ եւ քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։

 Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի.

Ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս։

 Եթէ գիտես՝ ըսէ՛ ո՞վ դրաւ անոր չափերը,

Կամ թէ անոր վրայ լարը ո՞վ քաշեց։

 Անոր հիմերը ինչի՞ վրայ հաստատուած են,

Կամ թէ անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ,

 Երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին

Ու երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին։

 Նաեւ ծովը՝ որովայնէն յարձակելով ելած ժամանակը՝

Ո՞վ գոցեց զանիկա դռներով,

 Երբ ամպը անոր հանդերձ դրի

Ու մէգը՝ խանձարուր

10 Եւ անոր վրայ իմ հրամաններս հաստատելով՝

Անոր փականք ու դռներ դրի

11 Ու ըսի անոր. ‘Մինչեւ հոս եկուր ու անդին մի՛ անցնիր

Եւ քու ալիքներուդ հպարտութիւնը հոս թող դադարի’։

12 Կեանքիդ մէջ երբեք առաւօտեան հրաման ըրի՞ր,

Արշալոյսին իր ծագելու տեղը ցուցուցի՞ր,

13 Որպէս զի երկրի ծայրերը բռնէ

Ու չարագործները անկէ թօթուուին։

14 Երկիր նոր ձեւ մը կ’առնէ կնքուած կաւի պէս

Եւ ամէն բան հանդերձով զարդարուածի պէս կ’երեւնայ։

15 Սակայն ամբարիշտներէն կ’արգիլուի իրենց լոյսը

Ու բարձրացած բազուկը կը խորտակուի։

16 Ծովուն աղբիւրները մտե՞ր ես

Ու անդունդին ծածուկ տեղերը պտըտե՞ր ես։

17 Մահուան դռները յայտնուեցա՞ն քեզի

Ու մահուան շուքին դռները տեսա՞ր։

18 Երկրի լայնութեանը խելքդ հասա՞ւ։

Եթէ ամէնը գիտես՝ ըսէ՛։

19 Լոյսին բնակարանը ո՞ւր է

Ու խաւարին տեղը ո՞ւր է,

20 Որ զանիկա առնես իր սահմանը տանիս

Ու անոր տանը ճամբաները իմանաս։

21 Դուն այն ատեն ծնած ըլլալո՞ւդ համար

Ու քու օրերուդ համրանքին շատ ըլլալո՞ւն համար գիտես։

22 Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես

Ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես,

23 Որոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակի

Ու կռիւի եւ պատերազմի օրերուն համար։

24 Ի՞նչ ճամբով լոյսը կը բաժնուի

Եւ ի՞նչպէս արեւելեան հովը երկրի վրայ կը տարածուի։

25 Հեղեղներուն համար՝ անցք

Ու որոտումներուն փայլակին համար ճամբայ ո՞վ բացաւ,

26 Որպէս զի անձրեւ տայ այն երկրին, ուր մարդ չկայ,

Անապատին՝ ուր մէ՛կը չի բնակիր,

27 Որպէս զի անապատներն ու անշէն տեղերը կշտացնէ

Ու կանանչ խոտ բուսցնէ։

28 Անձրեւը հայր ունի՞,

Կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները։

29 Սառը որո՞ւն արգանդէն կ’ելլէ

Ու ո՞վ ծնաւ երկնքի եղեամը։

30 Ջուրերը քարի պէս կ’ըլլան, կը պահուին

Ու անդունդին երեսը կը սառի։

31 Բազմաստեղին կապերը կրնա՞ս կապել.

Կամ թէ Հայկին կապերը կրնա՞ս քակել։

32 Մազարօթը ժամանակին կրնա՞ս հանել

Ու Արջին եւ իր զաւակներուն առաջնորդել։

33 Երկնքի կանոնները գիտե՞ս,

Անոր իշխանութիւնը երկրի վրայ կրնա՞ս դնել։

34 Ձայնդ ամպերուն կրնա՞ս հասցնել,

Որպէս զի ջուրերուն շատութիւնը քեզ ծածկէ։

35 Կայծակները կրնա՞ս ղրկել, որպէս զի երթան

Ու քեզի ‘Ահա պատրաստ ենք’, ըսեն։

36 Երիկամունքներուն մէջ ո՞վ իմաստութիւն դրաւ,

Կամ մտքին ո՞վ հանճար տուաւ։

37 Ո՞վ կրնայ իմաստութիւնով ամպերը համրել

Ու երկնքի տիկերը պառկեցնել,

38 Երբ փոշին թրջուելով զանգուած մը ըլլայ

Հողին կոշտերը իրարու կը փակչին։

39 Առիւծին համար կերակուր կրնա՞ս որսալ։

Անօթի կորիւնները կրնա՞ս կշտացնել,

40 Երբ անոնք իրենց քարայրներուն մէջ կը կծկտին

Ու դարանի համար որջերուն մէջ կը կենան։

41 Ո՞վ կը պատրաստէ ագռաւին իր որսը,

Երբ անոր ձագերը Աստուծոյ կ’աղաղակեն

Եւ ուտելիք չունենալնուն համար կը թափառին։

39 1 «Ժայռի այծեամներուն ծնանելու ժամանակը գիտե՞ս.

եղնիկներուն ծնանիլը դիտեցի՞ր։

 Անոնց կատարելու ամիսները կրնա՞ս համրել

Ու ծնանելու ժամանակնին գիտե՞ս։

 Անոնք ծռելով ձագերնին կը ծնանին

Ու ցաւերնին կ’անցընեն։

 Անոնց ձագերը կը զօրանան, դաշտի մէջ կը մեծնան,

Կ’երթան ու նորէն անոնց չեն դառնար։

Ցիռը ո՞վ համարձակ թող տուաւ

Ու վայրենի իշուն կապերը ո՞վ քակեց,

 Որո՞ւ տուի դաշտը տան համար

Ու անապատը՝ անոր բնակութեանը համար։

 Անիկա քաղաքին աղաղակը ծաղր կ’ընէ

Ու հարկահանին պոռալը չի լսեր։

 Անոր պտըտած լեռները իր արօտն են

Ու ամէն տեսակ խոտ կը փնտռէ։

 Միեղջերուն քեզի ծառայելու կը հաճի՞,

Կամ քու մսուրիդ քով գիշերը կը մնա՞յ։

10 Արտ վարելու համար միեղջերուն կրնա՞ս չուանով կապել,

Կամ թէ քու ետեւէդ հովիտները կը տափանէ՞։

11 Անոր ոյժին շատ ըլլալուն համար անոր կը վստահի՞ս

Ու գործդ անոր կը յանձնե՞ս։

12 Կը հաւատա՞ս թէ ան քու արմտիքդ պիտի բերէ

Եւ քու կալդ հաւաքէ։

13 Ջայլամին թեւը ցնծութեամբ կը շարժի։

Արդեօք արագիլին թեւերուն ու փետուրներուն կը նմանի՞։

14 Անիկա իր հաւկիթները գետինը կը ձգէ

Ու զանոնք հողին մէջ կը տաքցնէ,

15 Մոռնալով թէ մէկուն ոտքը կրնայ կոտրել,

Կամ դաշտի գազանները ոտնակոխ կ’ընեն։

16 Անիկա անգութ է իր ձագերուն՝ իրենը չեղածներու պէս.

Իր աշխատութեանը դատարկ ելլելուն վախը չունի։

17 Վասն զի Աստուած իմաստութենէ զուրկ ըրաւ զանիկա

Ու հանճարէն անոր բաժին չտուաւ։

18 Անիկա բարձրը ելած ժամանակը

Ձին ու անոր վրայ հեծնողը ծաղր կ’ընէ։

19 Ձիերուն դո՞ւն ոյժ տուիր,

Անոր պարանոցին բաշը դո՞ւն հագցուցիր։

20 Զանիկա մարախի պէս կրնա՞ս ցատկեցնել.

Անոր վրնջելուն փառաւոր ձայնը ահաւոր է։

21 Հովիտի մէջ գետինը կը փորէ ու իր զօրութիւնովը կը զուարճանայ.

Սպառազէնը դիմաւորելու կ’ելլէ.

22 Երկիւղը ծաղր կ’ընէ, բանէ մը չի վախնար

Ու սուրին երեսէն ետ չի դառնար։

23 Նետերը անոր վրայ կը սուլեն,

Նաեւ փայլուն նիզակն ու գեղարդը։

24 Կատաղութեամբ եւ բարկութեամբ գետինը կը դողացնէ

Ու փողին ձայնը լսելուն պէս՝ չի կրնար ինքզինք զսպել։

25 Քանի որ փողը կը հնչուի, «Աղէ՜», կ’ըսէ։

Հեռուէն կ’առնէ պատերազմին հոտը։

Զօրագլուխներուն որոտումն ու ազդարարութիւնը կը լսէ։

26 Բազէն քո՞ւ իմաստութիւնովդ կը թռչի

Ու թեւերը դէպի հարաւ կը բանայ։

27 Արծիւը քո՞ւ հրամանովդ կը բարձրանայ

Ու բոյնը բարձրերը կը հաստատէ։

28 Անիկա ժայռի վրայ, ժայռի գագաթներու վրայ

Ու ապառաժներու մէջ բոյն կը շինէ ու կը բնակի։

29 Կերակուրը անկէ կը փնտռէ։

Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն։

30 Անոր ձագերն ալ արիւն կը ծծեն

Եւ ուր որ դիակներ ըլլան, անիկա հոն է»։

40 1 Տէրը Յոբին խօսելով՝ ըսաւ.

 «Արդ՝ Ամենակարողին հետ վիճողը բան մը պիտի սորվեցնէ՞.

Աստուծոյ հետ վիճաբանողը թող պատասխան տայ»։

 Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ.

 «Ահա ես նուաստ եմ. քեզի ի՞նչ պատասխան տամ.

Ձեռքս բերնիս վրայ կը դնեմ։

 Մէկ անգամ խօսեցայ, ա՛լ պատասխան պիտի չտամ.

Երկու անգամ ալ, բայց պիտի չկրկնեմ»։

 Այն ժամանակ Տէրը մրրիկէն Յոբին պատասխանեց.

 «Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛,

Քեզի հարցնեմ ու դուն քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։

 Իմ դատաստանս պիտի խափանե՞ս,

Քեզ արդարացնելու համար զիս յանցաւո՞ր պիտի հանես։

 Աստուծոյ պէս բազուկ ունի՞ս

Եւ քու ձայնովդ կրնա՞ս անոր պէս որոտալ։

10 Հիմա փառաւորութիւնով ու մեծութիւնով զարդարուէ

Եւ պատիւով ու փառքով հագուէ՛։

11 Բարկութեանդ եռանդը տարածէ՛

Եւ ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա խոնարհեցո՛ւր։

12 Ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա նուաճէ՛

Ու անօրէնները իրենց տեղը կոխկռտէ՛։

13 Անոնց ամէնքն ալ հողին մէջ աներեւոյթ ըրէ,

Երեսնին գաղտուկ տեղ պահէ։

14 Այն ատեն ես ալ քեզի պիտի իմացնեմ,

Թէ աջ ձեռքդ քեզ կրնայ ազատել։

15 Ահա Բեհեմովթը, որ քեզի հետ ստեղծեցի.

Անիկա արջառի պէս խոտ կ’ուտէ։

16 Ահա հիմա անոր զօրութիւնը իր մէջքն է

Եւ ոյժը փորին մկաններուն մէջ։

17 Պոչը կ’երերցնէ եղեւինի պէս,

Ազդրերուն ջիղերը հիւսուած են։

18 Անոր ոսկորները պղնձէ խողովակներ են,

Անոր անդամները երկաթէ նիգերու պէս են։

19 Աստուծոյ գործին սկիզբն է անիկա.

Զանիկա ստեղծողը իր սուրը կրնայ անոր մօտեցնել։

20 Արդարեւ անոր պաշար կը բերեն լեռները,

Ուր դաշտի գազանները կը խաղան։

21 Անիկա ստուերոտ ծառերուն տակ,

Եղէգներուն շուքը ու ճահիճներուն մէջ կը պառկի։

22 Ստուերոտ ծառերը իրենց շուքովը կը ծածկեն զանիկա,

Հեղեղատներուն ուռիները անոր բոլորտիքն են։

23 Եթէ գետը առատանայ, անիկա չի վախնար.

Թէեւ Յորդանան անոր բերանը դիմելու ըլլայ, ան հանդարտ կը կենայ։

24 Միթէ անիկա յայտնի կը բռնուի՞.

Որոգայթի մէջ անոր քիթը ո՞վ կրնայ ծակել։

41 1 «Լեւիաթանը կարթով կրնա՞ս վերցնել

Ու անոր լեզուէն լարով կրնա՞ս քաշել։

 Անոր քթին չուան անցընելով

Ծնօտը կրնա՞ս փուշով ծակել։

 Միթէ անիկա քեզի շատ աղաչանքներ կ’ընէ՞,

Քեզի մեղմ խօսքեր կ’ըսէ՞։

 Անիկա քեզի հետ ուխտ կ’ընէ՞։

Զանիկա մշտնջենաւոր ծառայի պէս կրնա՞ս առնել։

 Թռչունի հետ խաղալու պէս՝ անոր հետ կրնա՞ս խաղալ,

Կամ թէ քու աղախիններուդ համար զանիկա կրնա՞ս կապել։

 Ընկերները անոր մսովը հացկերոյթ կրնա՞ն ընել.

Անիկա վաճառականներուն մէջ կը բաժնուի՞։

 Անոր մորթը սլաքներով

Ու անոր գլուխը ձկնորսի տէգերով կրնա՞ս լեցնել։

 Ձեռքդ անոր վրայ դիր, պատերազմը յիշէ

Ու նորէն պիտի չպատերազմիս։

 Ահա անոր բռնուելուն յոյսը պարապ է.

Զանիկա տեսնելով՝ մարդ չի՞ զարհուրիր։

10 Չկայ քաջասիրտ մէկը, որ զանիկա արթնցնէ։

Հապա իմ առջեւս ո՞վ կրնայ կենալ։

11 Ո՞վ նախապէս ինծի տուաւ, որ ես անոր հատուցանեմ.

Բոլոր երկնքի տակ եղածը իմս է։

12 Անոր անդամներուն ու զօրութեանը,

Նաեւ գեղեցիկ կարգաւորութեանը վրայ պիտի խօսիմ ու պիտի չլռեմ։

13 Անոր հանդերձին երեսը ո՞վ կրնայ բանալ,

Անոր երկու կզակներուն մէջ ո՞վ կրնայ մտնել,

14 Անոր երեսին դռները ո՞վ կրնայ բանալ,

Ահը անոր ակռաներուն բոլորտիքն է։

15 Անոր ամուր վահանները իր հպարտութիւնն են,

Պինդ կնքուածի պէս գոց են։

16 Այնպէս քովէ քով շարուած են,

Որ անոնց մէջ քամի չի կրնար մտնել.

17 Իրարու կցուած են,

Մէկզմէկ կը բռնեն ու բնաւ չեն զատուիր։

18 Անոր փռնգտալէն լոյս կը փայլի

Ու աչքերը արշալոյսին արտեւանունքներուն կը նմանին։

19 Անոր բերնէն վառած ջահեր կ’ելլեն

Ու կրակի կայծեր կը ցայտեն։

20 Քթին ծակերէն շոգի կ’ելլէ

Եռացող սանի կամ կաթսայի պէս։

21 Անոր շունչէն կրակի կայծեր կը բորբոքին

Ու բերնէն բոց կ’ելլէ։

22 Անոր պարանոցին վրայ ոյժը կը բնակի

Ու երկիւղը անոր առջեւ կը խաղայ։

23 Անոր մսին ծալուածքները փակած են,

Անոր վրայ հաստատուելով չեն երերար։

24 Անոր սիրտը քարի պէս պինդ է

Ու աղօրիքին տակի քարին պէս ամուր է։

25 Անոր ելած ժամանակը զօրաւորները կը վախնան

Ու երկիւղէն կը շփոթին։

26 Անոր վրայ յարձակողին սուրը չի դիմանար,

Ո՛չ ալ նիզակը, գեղարդն ու զրահը։

27 Երկաթը յարդի պէս է անոր առջեւ

Ու պղինձը՝ փտտած փայտի պէս։

28 Աղեղին նետը զանիկա չի փախցներ,

Պարսատիկի քարերը անոր դէմ մղեղ կը դառնան։

29 Մահակները շիւղերու տեղ կը սեպէ,

Տէգին ճօճուիլը ծաղր կ’ընէ։

30 Անոր տակ սրածայր խեցիի կտորուանք կան,

Ցեխին վրայ սուր բաներ կը տարածէ։

31 Անդունդը սանի մը պէս կ’եռացնէ

Ու ծովը օծանելիքի կաթսային նման կ’ընէ։

32 Իր ետեւէն ճամբան պայծառ կ’երեւցնէ,

Անդունդը ճերմկցած մազերու կը նմանի։

33 Երկրի վրայ անոր նմանը չկայ,

Որ այնպէս անվախ ստեղծուած ըլլայ։

34 Ամէն բարձր բաներու վրայ կը նայի,

Բոլոր հպարտութեան որդիներուն թագաւորն է»։

42 1 Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ.

 «Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես

ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր։

 Ո՞վ է անիկա որ տգիտութեամբ խորհուրդը կը նսեմացնէ։

Արդարեւ կը խօսէի, բայց չէի հասկնար.

ինծի սքանչելի բաներ ըլլալով՝ չէի իմանար։

 Կ’աղաչեմ, մտիկ ըրէ որպէս զի ես խօսիմ,

քեզի հարցնեմ ու ինծի սորվեցուր,

 Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի,

բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։

 Անոր համար իմ անձս կ’արհամարհեմ,

հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։

Արդ՝ Տէրը՝ Յոբին այս խօսքերը լսելէն յետոյ՝ Եղիփազ Թեմանացիին ըսաւ. «Քու վրադ ու երկու ընկերներուդ վրայ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, վասն զի ինծի համար իմ Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք։ Ուստի հիմա ձեզի եօթը զուարակ ու եօթը խոյ առէք ու Յոբ ծառայիս երթալով՝ ձեզի համար ողջակէզ մատուցանեցէք եւ իմ Յոբ ծառաս ձեզի համար աղօթք թող ընէ, որպէս զի ես ալ անոր աղօթքը ընդունելով՝ ձեր անմտութեանը պէս չընեմ ձեզի. վասն զի իմ առջեւս Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք»։

Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացի ու Բաղդատ Սօքեցի եւ Սոփար Նաամացի երթալով՝ Տէրոջը իրենց ըսածին պէս ըրին եւ Տէրը Յոբին աղօթքը ընդունեց։

10 Եւ Տէրը գերութենէ ազատեց Յոբը՝ իր բարեկամներուն համար աղօթք ըրած ատենը. նաեւ Տէրը Յոբին բոլոր ստացուածքին կրկնապատիկը տուաւ։ 11 Եւ անոր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը եւ նախապէս բոլոր զանիկա ճանչցողներն ալ միասին անոր մօտ գալով՝ անոր տանը մէջ հաց կերան անոր հետ ու անոր համար ցաւելով՝ Տէրոջը անոր ղրկած բոլոր փորձանքին համար զինք մխիթարեցին։ Ամէն մէկը մէկ–մէկ կտոր ստակ ու մէկ–մէկ ոսկի օղ տուին անոր։ 12 Տէրը Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց. այնպէս որ տասնըչորս հազար ոչխար ու վեց հազար ուղտ եւ հազար զոյգ եզ ու հազար մատակ էշ ունեցաւ։ 13 Եւ անոր եօթը տղայ եւ երեք աղջիկ ծնան։ 14 Մէկ աղջկան անունը Եմիմա ու երկրորդին անունը Կասիա ու երրորդին անունը Կերենհապուք դրաւ։ 15 Եւ բոլոր երկրին վրայ Յոբին աղջիկներուն պէս գեղեցիկ կիներ չէին գտնուեր ու հայրերնին անոնց ժառանգութիւն տուաւ իրենց եղբայրներուն հետ։

16 Եւ ասկէ ետք Յոբ հարիւր քառասուն տարի ապրելով՝ տեսաւ իր որդիներն ու իր որդիներուն որդիները մինչեւ չորրորդ ազգը։ 17 Ու Յոբ ծերացած ու օրերը լեցուած մեռաւ։