ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍՒ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍՒ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 3։1-12, Ղուկ. 3։1-18, Յովհ. 1։19-28)

1 1 Աստուծոյ Որդիին Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին սկիզբը։ Ինչպէս մարգարէներուն մէջ գրուած է. «Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պատրաստէ առջեւդ։ Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, ‘Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք’»։ Յովհաննէս անապատին մէջ կը մկրտէր եւ ապաշխարութեան մկրտութիւնը կը քարոզէր՝ մեղքերու թողութեան համար։ Բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու Երուսաղէմացիները կ’երթային անոր։ Ամէնքը կը մկրտուէին անկէ Յորդանան գետին մէջ՝ մեղքերնին խոստովանելով։ Յովհաննէս հագեր էր ուղտի մազ եւ իր մէջքը՝ կաշիէ գօտի ու իր կերակուրը մարախ ու վայրենի մեղր էր։ Ան կը քարոզէր ու կ’ըսէր. «Իմ ետեւէս ինձմէ զօրաւորը կու գայ։ Ես արժանի չեմ ծռելու եւ անոր կօշիկներուն կապերը արձակելու։ Ես ձեզ ջրով մկրտեցի, բայց անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 3։13–4։11, Ղուկ. 3։21-22, 4։1-13)

Այն օրերը Յիսուս Գալիլիայի Նազարէթէն եկաւ ու Յովհաննէսէն մկրտուեցաւ Յորդանանի մէջ։ 10 Ջուրէն ելլելուն պէս երկինքը բացուած տեսաւ եւ Հոգին աղաւնիի պէս՝ որ իր վրայ կ’իջնէր 11 Եւ ձայն մը եկաւ երկնքէն, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։

12 Անկէ յետոյ Հոգին անապատը հանեց զանիկա։ 13 Քառասուն օր հոն էր՝ անապատին մէջ՝ Սատանայէն փորձուած եւ գազաններու հետ էր ու հրեշտակները իրեն սպասաւորութիւն կ’ընէին։

ՅԻՍՈՒՍ ՉՈՐՍ ՁԿՆՈՐՍՆԵՐ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

(Մատթ. 4։12-22, Ղուկ. 4։14-15, 5։1-11)

14 Յովհաննէսին մատնուելէն յետոյ Յիսուս Գալիլիա գալով, Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր 15 Ու կ’ըսէր. «Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէք ու աւետարանին հաւատացէք»։

16 Երբ Գալիլիացիներու ծովուն քովերը կը պտըտէր, տեսաւ Սիմոնը ու Սիմոնին եղբայրը Անդրէասը, ծովը ուռկան ձգած, վասն զի ձկնորս էին։ 17 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք ու ես ձեզ մարդոց որսորդ ըլլալու պիտի պատրաստեմ»։ 18 Անոնք ալ շուտ մը իրենց ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։ 19 Անկէ քիչ մը յառաջ երթալով՝ տեսաւ Զեբեդեան Յակոբոսը ու անոր եղբայրը Յովհաննէսը, որոնք նաւին մէջ ուռկանները կը կարկտնէին։ 20 Զանոնք ալ կանչեց։ Անոնք ալ իրենց հայրը Զեբեդէոսը վարձկաններուն հետ նաւին մէջ ձգելով՝ անոր ետեւէն գացին։

ՊԻՂԾ ՈԳԻՈՎ ՄԱՐԴ ՄԸ

(Ղուկ. 4։31-37)

21 Ու մտան Կափառնայում, ուր շաբաթ օրը ժողովարանը մտնելով՝ կը սորվեցնէր։ 22 Ամէնքն ալ կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ, վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս։ 23 Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, որը աղաղակեց՝ ըսելով. 24 «Թող տուր, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար։ Գիտեմ թէ ո՛վ ես՝ Աստուծոյ Սուրբը»։ 25 Յիսուս սաստեց՝ ըսելով. «Պապանձէ ու ել ատկէ»։ 26 Պիղծ ոգին սաստիկ ցնցեց զանիկա ու մեծ ձայնով մը աղաղակեց ու անկէ ելաւ։ 27 Ամէնքը զարմացան, այնպէս որ իրարու հարցուփորձ կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Այս ի՞նչ է, ի՞նչ նոր վարդապետութիւն է այս, որ իշխանութիւնով պիղծ ոգիներուն ալ կը հրամայէ ու իրեն կը հնազանդին»։ 28 Շուտ մը իր համբաւը Գալիլիայի բոլոր կողմերը տարածուեցաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 8։14-17, Ղուկ. 4։38-42)

29 Յիսուս ժողովարանէն ելլելով՝ Սիմոնին ու Անդրէասին տունը մտաւ Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ։ 30 Սիմոնին զոքանչը ջերմէ բռնուած՝ պառկած էր։ Զոքանչին համար ըսին իրեն։ 31 Յիսուս մօտեցաւ, անոր ձեռքէն բռնեց, վերցուց զանիկա եւ իսկոյն ջերմը թողուց զանիկա ու անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։

32 Իրիկունը՝ արեգակին մարը մտած ատենը՝ բոլոր հիւանդները եւ դիւահարները իրեն կը բերէին։ 33 Բոլոր քաղաքը դուռը ժողվուեր էր։ 34 Շատ հիւանդներ՝ կերպ կերպ ցաւերէ՝ բժշկեց ու շատ դեւեր հանեց։ Դեւերուն խօսիլ չէր տար, վասն զի զինք կը ճանչնային։

ՅԻՍՈՒՍ ԳԱԼԻԼԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ

(Ղուկ. 4։42-44)

35 Առաւօտուն շատ կանուխ ելլելով՝ դեռ չլուսցած՝ գնաց անապատ մը եւ հոն աղօթք ըրաւ։ 36 Սիմոն եւ իրեն հետ եղողները գացին անոր ետեւէն։ 37 Երբ գտան զանիկա, ըսին անոր. «Ամէնքը քեզ կը փնտռեն»։ 38 Ան ըսաւ. «Եկէք երթանք մերձակայ գիւղաքաղաքները, որպէս զի հոն ալ քարոզեմ, վասն զի այս բանին համար եկեր եմ»։ 39 Բոլոր Գալիլիայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր ու դեւեր կը հանէր։

ՅԻՍՈՒՍ ԲՈՐՈՏ ՄԸ ԿԸ ՄԱՔՐԷ

(Մատթ. 8։1-4, Ղուկ. 5։12-16)

40 Բորոտ մը եկաւ անոր, կ’աղաչէր, ծունկ կը դնէր ու կ’ըսէր անոր. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ 41 Յիսուս խղճալով՝ ձեռքը երկնցուց, դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ 42 Երբ այս ըսաւ անոր, շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց ու մաքրուեցաւ։ 43 Ինք սաստիկ պատուէր տալով անոր՝ շուտ մը դուրս հանեց զանիկա ու ըսաւ անոր. 44 «Զգո՛յշ կեցիր, մարդո՛ւ բան մը չըսես, հապա գնա՛ քեզ քահանային ցուցուր եւ տուր քու մաքրուելուդ ընծան որ Մովսէս պատուիրեց՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։ 45 Բայց անիկա ելլելով՝ սկսաւ հրատարակել ու տարածել, այնպէս որ ա՛լ ինք չէր կրնար յայտնի կերպով քաղաք մը մտնել, հապա դուրսը՝ անապատը կը պտըտէր, բայց ամէն կողմէ իրեն կու գային։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 9։1-8, Ղուկ. 5։17-26)

2 1 Նորէն Կափառնայում մտաւ։ Քանի մը օր յետոյ լսուեցաւ թէ անիկա տան մը մէջ է։ Շուտով շատ մարդիկ ժողվուեցան, այնպէս որ ա՛լ տեղ չկար, ոչ ալ՝ դրան քովերը ու կը պատգամէր անոնց Աստուծոյ խօսքը։ Իրեն չորս մարդով վերցուած անդամալոյծ մը բերին, Բայց տեսնելով որ բազմութենէն չէին կրնար անոր մօտենալ, քակեցին տանը տանիքը ուր կը գտնուէր Յիսուս ու ծակ մը բանալով վար իջեցուցին մահիճը, որուն վրայ պառկած էր անդամալոյծը։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Ո՛րդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։ Մէկ քանի դպիրներ, որ հոն նստեր էին, իրենց սրտերուն մէջ կը խորհէին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար ասիկա այսպիսի հայհոյութիւններ կ’ընէ, ոչ ոք կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։ Յիսուս իսկոյն իմանալով իր հոգիին մէջ՝ որ անոնք այնպէս կը խորհին իրենց մէջ, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կը խորհիք սրտերնուդ մէջ։ Ո՞րը աւելի դիւրին է անդամալոյծին՝ ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են’ ըսե՞լը, թէ՝ ‘Ելիր, մահիճդ առ ու քալէ’ ըսելը։ 10 Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, (ըսաւ անդամալոյծին.) 11 «Քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ 12 Ան ալ շուտ մը ելաւ եւ իր մահիճը առնելով՝ ամենուն առջեւէն դուրս ելաւ, այնպէս որ ամէնքը ապշած մնացին, եւ փառք տուին Աստուծոյ ու ըսին. «Այսպիսի բան մը ամենեւին տեսած չէինք»։

ՅԻՍՈՒՍ ՂԵՒԻՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

(Մատթ. 9։9-13, Ղուկ. 5։27-32)

13 Յետոյ ելաւ ծովեզերքը։ Բոլոր ժողովուրդը իրեն կու գային եւ կը սորվեցնէր անոնց։ 14 Երբ կ’անցնէր, տեսաւ Ղեւի Ալփէոսեանը, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր ու ըսաւ անոր. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ 15 Երբ սեղան նստած էր անոր տանը մէջ, շատ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ ալ սեղան նստած էին Յիսուսին ու անոր աշակերտներուն հետ. քանզի շատուոր էին որոնք անոր ետեւէն կ’երթային։ 16 Դպիրներն ու փարիսեցիները, երբ տեսան թէ անիկա մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կ’ուտէ, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կ’ուտէ ու կը խմէ»։ 17 Յիսուս երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա՝ հիւանդներուն։ Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա՝ մեղաւորները»։

ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 9։14-17, Ղուկ. 5։33-39)

18 Յովհաննէսին ու փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահէին։ Եկան ու ըսին անոր. «Ինչո՞ւ Յովհաննէսին ու փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահեն, բայց քու աշակերտներդ ծոմ չեն պահեր»։ 19 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է որ հարսանիքին տղաքը, երբ փեսան իրենց հետ է, ծոմ պահեն։ Որչափ ժամանակ որ փեսան իրենց հետ է, կարելի չէ որ ծոմ պահեն։ 20 Բայց օրեր պիտի գան, երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, այն ատեն ծոմ պիտի պահեն։ 21 Մէկը կարկտան չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի վրայ. քանզի՝ այն նորը որ անոր լրութեանը համար դրուած է, հինէն կ’առնէ ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ, 22 Ոչ ալ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնէ. քանզի՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է»։

ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 12։1-8, Ղուկ. 6։1-5)

23 Երբ շաբաթ օր մը ինք արտերուն մէջէն կ’անցնէր, իր աշակերտները, որ իր հետ էին, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել։ 24 Փարիսեցիները ըսին իրեն. «Նայէ շաբաթ օրը ի՞նչ կ’ընեն, որ արտօնուած չէ»։ 25 Ինքն ալ անոնց ըսաւ. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը՝ երբ պէտք ունեցաւ եւ անօթեցաւ, ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին։ 26 Մտաւ Աստուծոյ տունը Աբիաթար քահանայապետին օրով եւ առաջաւորութեան հացերը կերաւ ու տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին, որ մէկո՛ւն օրինաւոր չէր ուտել, բայց միայն քահանաներուն»։ 27 Եւ աւելցուց. «Շաբաթը մարդուն համար եղաւ, ո՛չ թէ մարդը շաբաթին համար։ 28 Եւ ուրեմն Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է»։

ՉՈՐՑԱԾ ՁԵՌՔՈՎ ՄԱՐԴԸ

(Մատթ. 12։9-14, Ղուկ. 6։6-11)

3 1 Նորէն ժողովարանը մտաւ, ուր մարդ մը կար՝ որուն ձեռքը չորցած էր։ Ոմանք կը սպասէին տեսնելու թէ արդեօք շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։ Յիսուս ձեռքը չորցած մարդուն ըսաւ. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։ Ու ըսաւ անոնց. «Շաբաթ օրը բարի՞ք ընել արժան է՝ թէ չարիք ընել, հոգի մը ապրեցնե՞լ՝ թէ մեռցնել»։ Անոնք լուռ կեցան։ Յիսուս բարկութեամբ շուրջանակի անոնց նայելով՝ անոնց սրտերուն կուրութեանը համար տրտմած, ըսաւ այն մարդուն. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ երկնցուց եւ անոր ձեռքը ողջնցաւ։ Փարիսեցիները Հերովդէսեաններուն հետ մէկտեղ շուտ մը դուրս ելլելով, անոր դէմ խորհուրդ կ’ընէին թէ ի՞նչպէս կորսնցնեն զանիկա։

ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԼՃԻՆ ՔՈՎ

Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ծովեզերքը գնաց եւ շատ բազմութիւն անոր ետեւէն գացին Գալիլիայէն ու Հրէաստանէն, Եւ Երուսաղէմէն ու Եդովմէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն ու անոնք ալ որ Տիւրոսի ու Սիդոնի շրջակայ տեղերէն էին, մեծ բազմութեամբ, երբ լսեցին ինչ որ կ’ընէր։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ նաւակ մը պատրաստեն իրեն համար՝ ժողովուրդին բազմութեանը պատճառաւ, որպէս զի զինք չնեղեն։ 10 Քանզի շատերը բժշկեց, այնպէս որ ցաւ ունեցողներ վրան կը դիզուէին որպէս զի իրեն դպչին։ 11 Պիղծ ոգիները երբ զինք կը տեսնէին, կ’իյնային իր առջեւ, կը կանչվռտէին ու կ’ըսէին. 12 «Դուն ես Աստուծոյ Որդին»։ Ինք սաստիկ կը յանդիմանէր զանոնք, որ զինք չյայտնեն։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ Կ’ԸՆՏՐԷ

(Մատթ. 10։1-4, Ղուկ. 6։12-16)

13 Յիսուս լեռը ելլելով՝ իր ուզածները իրեն կանչեց ու գացին անոր քով։ 14 Տասներկու հոգի ընտրեց, որպէս զի իրեն հետ ըլլան, որպէս զի զանոնք ղրկէ քարոզելու։ 15 Ու իշխանութիւն տուաւ ցաւերը բժշկելու եւ դեւերը հանելու։ 16 Սիմոնին անունը Պետրոս դրաւ. 17 Եւ Զեբեդեան Յակոբոսին ու Յակոբոսին եղբօրը Յովհաննէսին անունները Բաներեգէս դրաւ, որ ըսել է՝ «Որդի որոտման». 18 Անդրէասն ու Փիլիպպոսը, Բարթողիմէոսն ու Մատթէոսը, Թովմասն ու Ալփէոսեան Յակոբոսը, Թադէոսն ու Սիմոն Կանանացին 19 Եւ Յուդա Իսկարիովտացին, որ յետոյ մատնեց զանիկա։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԲԷԵՂԶԵԲՈՒՂԸ

(Մատթ. 12։22-32, Ղուկ. 11։14-23, 12։10)

20 Տուն մը գացին։ Նորէն ժողովուրդը ժողվուեցաւ, այնպէս որ հաց ուտելու ալ ժամանակ չկրցան գտնել։ 21 Երբ իրենները լսեցին, ելան որ զինք բռնեն. քանզի կ’ըսէին. «Խելռած է»։ 22 Այն դպիրները, որոնք Երուսաղէմէն իջեր էին, կ’ըսէին թէ «Ասոր ներսիդին Բէեղզեբուղ կայ եւ դեւերուն մեծ իշխանովը դեւերը կը հանէ»։ 23 Յիսուս զանոնք կանչելով՝ առակներով ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կրնայ Սատանան Սատանայ հանել։ 24 Եթէ թագաւորութիւն մը իրեն դէմ բաժնուի, այն թագաւորութիւնը չի կրնար կենալ։ 25 Եթէ տուն մը իրեն դէմ բաժնուի, այն տունը չի կրնար կենալ։ 26 Եթէ Սատանան իրեն դէմ ելած ու բաժնուած է, անիկա չի կրնար կենալ, հապա անոր վերջը հասած կ’ըլլայ։ 27 Մէկը չի կրնար զօրաւոր մարդու մը տունը մտնելով անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։ 28 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ամէն մեղք պիտի ներուի մարդոց որդիներուն եւ հայհոյութիւնները՝ որչափ որ հայհոյեն. 29 Բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյէ, յաւիտեան թողութիւն պիտի չունենայ, հապա յաւիտենական դատաստանին պարտաւոր պիտի ըլլայ’»։ 30 Վասն զի կ’ըսէին պիղծ ոգի կայ անոր ներսիդին։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՅՐՆ ՈՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

(Մատթ. 12։46-50, Ղուկ. 8։19-21)

31 Ետքը անոր մայրը ու եղբայրները եկան ու դուրսը կայնելով՝ մարդ ղրկեցին ու կանչեցին զանիկա։ 32 Ժողովուրդը, որ անոր բոլորտիքը նստեր էր, իրեն ըսին. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ քեզ կ’ուզեն»։ 33 Անիկա պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ո՞վ է իմ մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս»։ 34 Ու իր բոլորտիքը նստողներուն նայելով՝ ըսաւ. «Ահա իմ մայրս ու իմ եղբայրներս. 35 Վասն զի ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։

ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 13։1-9, Ղուկ. 8։4-8)

4 1 Դարձեալ սկսաւ սորվեցնել ծովեզերքը եւ շատ ժողովուրդ անոր քով ժողվուեցաւ, այնպէս որ ինք նաւը մտաւ ու նստաւ, իսկ ժողովուրդը՝ ծովեզերքը։ Անոնց շատ բաներ կը սորվեցնէր առակներով ու կ’ըսէր անոնց իր վարդապետութեանը մէջ. «Լսեցէ՛ք, ահա սերմ ցանողը ելաւ որպէս զի սերմ ցանէ։ Երբ կը ցանէր, մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։ Ուրիշ մը ինկաւ ապառաժուտ տեղ մը, ուր շատ հող չկար։ Շուտ մը բուսաւ՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար, Սակայն արեւուն ծագած ատենը այրեցաւ ու արմատ չունենալուն համար չորցաւ։ Ուրիշ մը ինկաւ փուշերու մէջ եւ փուշերը ելան ու խեղդեցին զանիկա ու պտուղ չտուաւ։ Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին, որ ելան ու մեծցան եւ կը բերէին մէկուն տեղ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն, մէկուն տեղ՝ հարիւր»։ Ու կ’ըսէր. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։

ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

(Մատթ. 13։10-17, Ղուկ. 8։9-10)

10 Երբ առանձինն էր, իր քով եղողները՝ տասներկուքին հետ մէկտեղ՝ հարցուցին իրեն այս առակին մասին։ 11 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը, բայց անոնց՝ որ դուրսէն են, ամէն բան առակներով կ’ըլլայ. 12 Որպէս զի տեսնելով տեսնեն՝ ու չտեսնեն եւ լսելով լսեն՝ ու չիմանան, որպէս զի չըլլայ թէ դարձի գան եւ իրենց մեղքերուն թողութիւն ըլլայ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

(Մատթ. 13։18-23, Ղուկ. 8։11-15)

13 Ապա ըսաւ անոնց. «Այս առակը չէ՞ք գիտեր. ուրեմն ի՞նչպէս պիտի գիտնաք բոլոր առակները։ 14 Սերմ ցանողը խօսքը կը ցանէ։ 15 Ճամբուն քովինները անոնք են, որոնց մէջ խօսքը կը ցանուի ու երբ լսեն, շուտ մը Սատանան կու գայ եւ անոնց սրտերուն մէջ ցանուած խօսքը կը հանէ։ 16 Ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածները անոնք են, որ երբ լսեն խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունին զանիկա, 17 Բայց իրենց մէջ արմատ չունենալով՝ քիչ ժամանակ կը տեւեն, ետքը երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղին։ 18 Փուշերուն մէջ ցանուածները անոնք են, որ երբ խօսքը լսեն, 19 Աշխարհիս զբաղմունքներն ու հարստութեան խաբէութիւնները եւ ուրիշ բաներու ցանկութիւններ մէջ մտնելով, խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլան անպտուղ։ 20 Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածները անոնք են, որ խօսքը կը լսեն եւ կ’ընդունին ու պտուղ կու տան՝ մէկուն տեղ՝ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն ու մէկուն տեղ՝ հարիւր»։

ԳՐՈՒԱՆԻՆ ՏԱԿԻ ՃՐԱԳԸ

(Ղուկ. 8։16-18)

21 Ապա ըսաւ անոնց. «Միթէ ճրագը գրուանին կամ մահիճին տա՞կ դրուելու համար կու գայ, չէ՞ որ աշտանակին վրայ դրուելու համար։ 22 Վասն զի ծածուկ բան մը չկայ, որ պիտի չյայտնուի. եւ գաղտուկ բան մը չէ եղած, որ երեւան չելլէ։ 23 Եթէ մէկը լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։

24 Յետոյ ըսաւ անոնց. «Նայեցէք, ի՞նչ կը լսէք. ի՛նչ չափով որ դուք կը չափէք, նոյն չափովը պիտի չափուի ձեզի եւ ձեզի որ կը լսէք, պիտի աւելնայ։ 25 Վասն զի ո՛վ որ ունի անոր պիտի տրուի. եւ ո՛վ որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի»։

ԱՃՈՂ ՍԵՐՄԻՆ ԱՌԱԿԸ

26 Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ 27 Ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։ 28 Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ։ 29 Երբ պտուղը հասուննայ մանգաղը գործի կը սկսի վասն զի հունձքի ատենը հասած է»։

ՄԱՆԱՆԵԽԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 13։31-32, 34, Ղուկ. 13։18-19)

30 Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք։ 31 Մանանեխի հատին նման է, որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է, 32 Բայց երբ ցանուի, բուսնի, բոլոր ծառերէն ալ մեծ կ’ըլլայ ու մեծ ճիւղեր կ’արձակէ, այնպէս որ երկնքի թռչուններուն կը բաւէ անոր շուքին տակ բնակելու»։

33 Այսպէս շատ առակներով կը խօսէր անոնց, որչափ որ կրնային մտիկ ընել։ 34 Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց, բայց առանձինն աշակերտներուն կը մեկնէր բոլորը։

ՅԻՍՈՒՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԵՑՆԷ

(Մատթ. 8։23-27, Ղուկ. 8։22-25)

35 Նոյն օրը երբ իրիկուն եղաւ, ըսաւ աշակերտներուն. «Եկէք ծովուն անդիի կողմը անցնինք»։ 36 Անոնք ալ ժողովուրդը արձակելով՝ առին զինք, որ արդէն նաւուն մէջ էր. եւ ուրիշ նաւակներ ալ կային անոր հետ։ 37 Մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքները նաւուն վրայ կու գային, այնպէս որ գրեթէ նաւը կը լեցուէր։ 38 Ինք նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար. արթնցուցին զանիկա եւ ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»։ 39 Ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ 40 Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ հաւատք չունիք»։ 41 Անոնք խիստ վախցան ու ըսին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին»։

ՅԻՍՈՒՍ ԴԻՒԱՀԱՐԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 8։28-34, Ղուկ. 8։26-39)

5 1 Գացին ծովուն անդիի կողմը՝ Գադարացիներուն երկիրը։ Երբ ինք նաւէն ելաւ, գերեզմաններէն ելած մարդ մը պատահեցաւ իրեն, որ պիղծ ոգի ունէր, Որուն բնակած տեղն ալ գերեզմաններուն մէջ էր ու շղթայով ալ մէկը չէր կրնար զանիկա կապել, Որովհետեւ շատ անգամ ոտնակապերով եւ շղթաներով կապուեր էր, բայց անիկա շղթաները կտրեր ու ոտնակապերը կոտրտեր էր եւ մէ՛կը չէր կրնար զանիկա նուաճել։ Միշտ գիշեր ու ցորեկ գերեզմաններուն ու լեռներուն մէջ կը կանչվռտէր ու իր մարմինը քարերով կը ճեղքռտէր։ Երբ հեռուէն Յիսուսը տեսաւ, վազեց ու երկրպագութիւն ըրաւ անոր Եւ մեծ ձայնով մը աղաղակեց ու ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս, Որդի Բարձրեալ Աստուծոյ, քեզ Աստուծմով կ’երդմնցնեմ, զիս մի՛ տանջեր»։ Քանզի կ’ըսէր անոր. «Պի՛ղծ ոգի, ելիր այդ մարդէն»։ Յիսուս անոր հարցուց. «Անունդ ի՞նչ է»։ Ան ալ ըսաւ. «Իմ անունս Լեգէոն է, վասն զի շատուոր ենք»։ 10 Եւ շատ կ’աղաչէին անոր՝ որ զիրենք այն երկրէն դուրս չղրկէ։ 11 Հոն լերանը մօտ խոզերու մեծ երամակ մը կար՝ որ կ’արածէին։ 12 Բոլոր դեւերը աղաչեցին անոր ու ըսին. «Մեզ խոզերուն ղրկէ, որպէս զի անոնց մէջ մտնենք»։ 13 Յիսուս հրաման տուաւ անոնց։ Երբ պիղծ ոգիները ելան, խոզերուն մէջ մտան եւ երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեց, երկու հազարի չափ կային, ու ծովուն մէջ խեղդուեցան։ 14 Խոզարածները փախան ու պատմեցին՝ քաղաքը ու ագարակները եւ մարդիկ եկան տեսնելու՝ թէ ի՛նչ է եղած։ 15 Եկան Յիսուսի քով, տեսան դիւահարը, որ լեգէոն ունէր, որ հագուած ու խելքը վրան եկած նստեր էր ու վախցան։ 16 Անոնք որ տեսեր էին, պատմեցին անոնց թէ ի՞նչ եղաւ դիւահարին, նաեւ խոզերուն։ 17 Անոնք ալ աղաչեցին Յիսուսին, որպէս զի իրենց սահմաններէն երթայ։ 18 Երբ անիկա նաւը մտաւ, դիւահարը կ’աղաչէր անոր՝ որ անոր հետ երթայ, 19 Բայց Յիսուս թող չտուաւ, հապա ըսաւ անոր. «Գնա՛ քու տունդ, քու ընտանիքիդ ու պատմէ թէ Տէրը ինչպէս ողորմեցաւ քեզի»։ 20 Ան ալ գնաց եւ սկսաւ Դեկապոլիսի մէջ պատմել ինչ որ Յիսուս իրեն ըրաւ։ Ամէնքը կը զարմանային։

ՅԱՅՐՈՍԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ԿԻՆԸ ՈՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՂԱՆՑՔԻՆ ԴՊԱՒ

(Մատթ. 9։18-26, Ղուկ. 8։40-56)

21 Երբ Յիսուս նաւով նորէն ծովուն անդիի կողմը անցաւ, շատ բազմութիւն ժողվուեցաւ անոր քով եւ ինք ծովեզերքն էր։ 22 Ժողովրդապետներէն մէկը եկաւ, որուն անունը Յայրոս էր։ Երբ տեսաւ Յիսուսը, անոր ոտքը ինկաւ, 23 Աղաչեց անոր ու ըսաւ. «Իմ աղջիկս մեռնելու մօտ է, եկո՛ւր, անոր վրայ ձեռք դիր, որպէս զի ազատի ու պիտի ապրի»։ 24 Ան ալ գնաց անոր հետ ու շատ բազմութիւն իր ետեւէն կ’երթային ու կը նեղէին զինք։

25 Կին մը, որ տասներկու տարի արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր 26 Ու շատ նեղութիւն կրած էր շատ բժիշկներէ եւ իր բոլոր ունեցածը վատներ էր ու օգուտ մը չէր գտեր, հապա ալ աւելի սաստկացեր էր, 27 Երբ Յիսուսի վրայով լսեց, ետեւէն եկաւ բազմութեանը մէջ ու անոր հանդերձին դպաւ. 28 Քանզի կ’ըսէր. «Եթէ միայն անոր հանդերձներուն դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ 29 Շուտ մը իր արիւնին աղբիւրը ցամքեցաւ ու իր մարմնին մէջ իմացաւ թէ տանջանքէն բժշկուեցաւ։ 30 Եւ Յիսուս գիտցաւ թէ զօրութիւն մը իրմէ ելաւ, դարձաւ բազմութեան ու ըսաւ. «Ո՞վ դպաւ իմ հանդերձներուս»։ 31 Աշակերտները ըսին իրեն. «Կը տեսնես թէ բազմութիւնը քեզ կը նեղէ ու կ’ըսես թէ՝ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։ 32 Յիսուս իր բոլորտիքը նայեցաւ, որպէս զի այս բանը ընողը տեսնէ։ 33 Կինը վախցաւ ու դողաց, վասն զի գիտէր թէ իրեն ի՛նչ եղաւ եւ եկաւ՝ անոր առջեւ ինկաւ ու բոլոր բաները շիտկէ շիտակ ըսաւ անոր։ 34 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա՛ խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։

35 Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն ոմանք եկան ու ըսին. «Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ վարդապետը կը յոգնեցնես»։ 36 Իսկ Յիսուս ըսուած խօսքը լսելուն պէս ժողովրդապետին ըսաւ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա»։ 37 Եւ մէկը թող չտուաւ որ իրեն հետ երթայ, միայն Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յակոբոսին եղբայրը՝ Յովհաննէսը։ 38 Ժողովրդապետին տունը հասնելով՝ տեսաւ սաստիկ լացողներ ու լսեց աղաղակներ։ 39 Ներս մտնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռովեր էք ու կու լաք. մանուկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ 40 Ոմանք ծաղր կ’ընէին զանիկա. բայց ինք ամէնքը դուրս հանելով՝ իրեն հետ առաւ մանուկին հայրն ու մայրը եւ զանոնք որ իրեն հետ էին ու մտաւ հոն՝ ուր մանուկը պառկած էր։ 41 Մանուկին ձեռքէն բռնելով՝ ըսաւ անոր. «Տալի՛թա, կո՛ւմի». որ կը թարգմանուի՝ «Աղջի՛կ, քեզի կ’ըսեմ, ելիր»։ 42 Իսկոյն աղջիկը ոտքի ելաւ ու կը քալէր, վասն զի տասներկու տարեկան էր. տեսնողները շատ ապշեցան։ 43 Յիսուս սաստիկ պատուէր տուաւ անոնց՝ որ մա՛րդ չգիտնայ այս բանը ու ըսաւ, որ անոր ուտելիք տան։

ՅԻՍՈՒՍ ՆԱԶԱՐԷԹԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ

(Մատթ. 13։53-58, Ղուկ. 4։16-30)

6 1 Անկէ ելլելով գնաց իր երկիրը։ Իր աշակերտները իր ետեւէն գացին։ Երբ շաբաթ օրը հասաւ, սկսաւ ժողովարանին մէջ սորվեցնել։ Շատեր լսելով կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս բաները եւ այս ի՞նչ իմաստութիւն է ասոր տրուած, որ այսպիսի հրաշքներ կ’ըլլան ասոր ձեռքով։ Ասիկա հիւսնը չէ՞ Մարիամին որդին եւ Յակոբոսին ու Յովսէսին եւ Յուդային ու Սիմոնին եղբայրը ու ասոր քոյրերը հոս մեր քով չե՞ն»։ Անոր վրայով կը գայթակղէին։ Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը ոեւէ տեղ անպատիւ չէ՝ բայց միայն իր երկրին, իր ազգականներուն եւ իր տանը մէջ»։ Ու չէր կրնար հոն հրաշք ընել, միայն քանի մը հիւանդներու վրայ ձեռք դրաւ ու բժշկեց զանոնք։ Ինք անոնց անհաւատութեանը վրայ կը զարմանար ու շրջակայ գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՂՐԿԷ

(Մատթ. 10։5-15, Ղուկ. 9։1-6)

Իրեն կանչեց տասներկուքը ու երկու երկու ղրկեց զանոնք ու անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ Եւ պատուիրեց անոնց՝ որ ճամբու համար բան մը չառնեն, բայց միայն գաւազան մը. ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ ստակ՝ գօտիներուն մէջ. Հապա հողաթափ հագնին. եւ «Կրկին հանդերձ մի՛ հագնիք», ըսաւ։ 10 Ու աւելցուց. «Ո՛ր տուն որ մտնէք, հոն կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք։ 11 Անոնք որ ձեզ չեն ընդունիր ու ձեզի մտիկ չեն ըներ, երբ անկէ ելլէք, ոտքերնուդ տակի փոշին թօթուեցէք՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին»։

12 Անոնք ելլելով, կը քարոզէին որ մարդիկ ապաշխարեն։ 13 Շատ դեւեր կը հանէին ու շատ հիւանդներ իւղով կ’օծէին ու կը բժշկէին զանոնք։

14 Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց, քանզի անոր անունը յայտնի եղաւ, ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտիչ մեռելներէն յարութիւն առեր է ու անոր համար հրաշքներ կ’ըլլան անով»։ 15 Ուրիշներ կ’ըսէին. «Եղիան է». ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Մարգարէ մըն է, կամ մարգարէներէն մէկուն պէս»։ 16 Բայց Հերովդէս կրկին ըսաւ. «Ասիկա Յովհաննէսն է, որուն գլուխը ես կտրեցի, մեռելներէն յարութիւն առեր է»։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՄԱՀԸ

(Մատթ. 14։1-12, Ղուկ. 9։7-9)

17 Քանզի Հերովդէս ինք մարդ ղրկեց Յովհաննէսը բռնեց ու կապելով բանտը դրաւ իր եղբօրը Փիլիպպոսի կնոջ՝ Հերովդիային՝ համար, քանզի իրեն կին առեր էր զանիկա։ 18 Վասն զի Յովհաննէս Հերովդէսին կ’ըսէր. «Քեզի օրինաւոր չէ քու եղբօրդ կինը առնել»։ 19 Հերովդիա ոխ ունէր անոր դէմ ու կ’ուզէր զանիկա մեռցնել ու չէր կրնար. 20 Վասն զի Հերովդէս կը վախնար Յովհաննէսէն, գիտնալով թէ անիկա արդար եւ սուրբ մարդ մըն է եւ անոր բերանը կը նայէր ու անկէ լսելով՝ շատ բաներ կ’ընէր եւ քաղցրութեամբ մտիկ կ’ընէր։ 21 Յարմար օր մը եկաւ՝ երբ Հերովդէս իր ծննդեան օրը՝ ընթրիք կ’ընէր իր մեծամեծներուն եւ հազարապետներուն ու Գալիլիայի երեւելիներուն հետ։ 22 Հերովդիայի աղջիկը հանդէսին սրահը մտնելով պարեց ու հաճելի եղաւ Հերովդէսին եւ իրեն հետ նստողներուն։ Թագաւորը ըսաւ աղջկան. «Խնդրէ ինձմէ ինչ որ կ’ուզես ու պիտի տամ քեզի»։ 23 Եւ անոր երդում ըրաւ ըսելով. «Ինչ որ դուն ինձմէ խնդրես, պիտի տամ քեզի, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը»։ 24 Աղջիկը դուրս ելլելով՝ իր մօրը հարցուց. «Ի՞նչ ուզեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը»։ 25 Շուտ մը արտորալով թագաւորին քով մտաւ ու խնդրեց՝ ըսելով. «Կ’ուզեմ որ շուտով սկուտեղի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը տաս ինծի»։ 26 Թագաւորը խիստ տրտմեցաւ, բայց երդումներուն համար ու իրեն հետ նստողներուն համար չուզեց որ անոր խնդիրքը մերժէ։ 27 Թագաւորը իսկոյն դահիճ մը ղրկեց ու հրաման ըրաւ Յովհաննէսին գլուխը բերել։ Ան ալ գնաց, բանտին մէջ գլխատեց զանիկա 28 Եւ սկուտեղով մը բերաւ անոր գլուխը ու տուաւ աղջկան։ Աղջիկը զանիկա իր մօրը տուաւ։ 29 Յովհաննէսին աշակերտները լսելով՝ եկան անոր մարմինը վերցուցին ու գերեզմանի մէջ դրին։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ

(Մատթ. 14։13-21, Ղուկ. 9։10-17, Յովհ. 6։1-14)

30 Առաքեալները Յիսուսին քով ժողվուեցան ու պատմեցին անոր ամէն ինչ որ ըրին եւ ինչ որ սորվեցուցին։ 31 Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք», քանզի շատեր կու գային ու կ’երթային եւ հաց ուտելու ալ ժամանակ չէին ձգեր։ 32 Նաւով անապատ մը գացին՝ առանձինն։ 33 Ու ժողովուրդը տեսաւ զանոնք, որ կ’երթային։ Շատեր զանիկա ճանչցան ու ոտքով բոլոր քաղաքներէն հոն կը վազէին։ Անոնցմէ առաջ հասնելով անոր քով ժողվուեցան։ 34 Յիսուս, երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց։

35 Երբ ժամանակը շատ անցաւ, իր աշակերտները իրեն եկան ու ըսին. «Հոս անապատ տեղ մըն է, ժամանակը անցած է։ 36 Արձակէ ժողովուրդը որպէս զի երթան բոլորտիքի ագարակները ու գիւղերը ու իրենց հաց գնեն, վասն զի ուտելու բան մը չունին»։ 37 Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Դուք տուէք ատոնց որ ուտեն»։ Ըսին իրեն. «Երթանք երկու հարիւր դահեկանի հաց գնենք եւ տա՞նք ատոնց որ ուտեն»։ 38 Ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք, գացէք նայեցէ՛ք»։ Երբ իմացան՝ ըսին. «Հինգ ու երկու ձուկ»։ 39 Հրաման ըրաւ անոնց՝ որ ամէնքը կանանչ խոտին վրայ գունդ գունդ նստեցնեն։ 40 Դաս դաս նստան, հարիւրական, յիսունական։ 41 Հինգ նկանակը ու երկու ձուկը առաւ ու դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց եւ մանրեց նկանակները ու տուաւ իր աշակերտներուն, որպէս զի անոնց առջեւ դնեն ու երկու ձուկը ամենուն ալ բաժնեն։ 42 Ամէնքը կերան ու կշտացան, 43 Եւ տասներկու կողով լեցուն՝ կտորուանք վերցուցին եւ ձուկերէն ալ։ 44 Այն հացերէն ուտողները հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին։

ՅԻՍՈՒՍ ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅԷՆ ԿԸ ՔԱԼԷ

(Մատթ. 14։22-33, Յովհ. 6։15-21)

45 Շուտ մը իր աշակերտները արտորցուց որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ միւս կողմը Բեթսայիդա անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ, 46 Ու անոնցմէ զատուելով՝ լեռը ելաւ աղօթք ընելու։ 47 Երբ իրիկուն եղաւ, նաւը ծովուն մէջտեղն էր, բայց ինք մինակ ցամաքն էր։ 48 Տեսաւ զանոնք, որ կը տագնապէին հովէն թի քաշելու ատեն, վասն զի հովը իրենց դէմ էր։ Յիսուս գիշերուան չորրորդ պահուն ծովուն վրայէն քալելով գնաց անոնց։ Կ’ուզէր անոնցմէ անցնիլ։ 49 Անոնք, երբ տեսան, որ ծովուն վրայէն կը քալէր, կարծեցին թէ աչքի երեւոյթ մըն է, ուստի կանչվռտեցին. 50 Քանզի ամէնքն ալ զանիկա տեսան ու խռովեցան։ Ինք շուտ մը խօսեցաւ անոնց հետ ու ըսաւ. «Քա՛ջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ 51 Եւ նաւը ելաւ անոնց քով ու հովը դադարեցաւ։ Անոնք մտքերնուն մէջ չափէ դուրս ապշած էին ու կը զարմանային, 52 Վասն զի հացին վրայ եղած հրաշքը չիմացան, քանզի սրտերնին թմրած էր։

ԳԵՆՆԵՍԱՐԷԹԻ ՄԷՋ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 14։34-36)

53 Միւս կողմը անցնելով՝ Գեննեսարէթի երկիրը հասան ու նաւը տեղաւորեցին։ 54 Երբ նաւէն ելան, այն տեղի մարդիկը իսկոյն ճանչցան զանիկա 55 Եւ ասդին անդին վազեցին բոլոր շրջակայքը։ Սկսան մահիճներով հիւանդներ բերել՝ ուր որ կը լսէին թէ հոն է։ 56 Եւ ուր որ կը մտնէր, գիւղերը կամ քաղաքները կամ ագարակները, հրապարակներուն մէջ կը դնէին հիւանդները ու կ’աղաչէին իրեն որ գոնէ իր հանդերձին քղանցքին դպչին։ Անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։

ՆԱԽՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ

(Մատթ. 15։1-9)

7 1 Իր քով ժողվուեցան փարիսեցիներէն ու դպիրներէն ոմանք որ Երուսաղէմէն եկած էին։ Երբ տեսան թէ անոր աշակերտներէն ոմանք պիղծ, այսինքն անլուայ ձեռքերով՝ հաց կ’ուտեն, մեղադրեցին, Վասն զի փարիսեցիներն ու բոլոր Հրեաները մինչեւ աղէկ մը ձեռքերնին չլուան՝ հաց չեն ուտեր, քանզի ծերերուն աւանդութիւնը կը բռնեն։ Շուկայէն եկած ատեննին եթէ չլուացուին՝ չեն ուտեր։ Ասոնց նման շատ բաներ կան, որոնք ընդունած են ու կը բռնեն, այսինքն գաւաթներու եւ փարչերու ու պղնձէ ամաններու եւ անկողիններու լուացումներ։ Այն ատեն փարիսեցիներն ու դպիրները հարցուցին անոր. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութեանը պէս չեն շարժիր ու անլուայ ձեռքերով հաց կ’ուտեն»։ Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’։ Վասն զի Աստուծոյ պատուիրանքը թողելով՝ մարդոց աւանդութիւնը կը բռնէք, ինչպէս՝ փարչերու եւ գաւաթներու մաքրութիւններ եւ ասոնց նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։ Ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ կ’անարգէք Աստուծոյ պատուիրանքը, որպէս զի ձեր աւանդութիւնը պահէք։ 10 Քանզի Մովսէս ըսաւ. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. եւ Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։ 11 Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Եթէ մէկը իր հօրը կամ մօրը ըսէ՝ ‘Այն բանը զոր ինձմէ պիտի շահիս Աստուծոյ տալու կորբան է, (որ ըսել է՝ ընծայ,) ազատ կ’ըլլայ անիկա’. 12 Եւ ա՛լ թող չէք տար անոր բան մը ընել իր հօրը կամ իր մօրը. 13 Ու Աստուծոյ խօսքը կը խափանէք ձեր աւանդութիւնովը եւ ասոր նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։

ԲԱՆԵՐ, ՈՐ ՄԱՐԴԸ Կ’ԱՊԱԿԱՆԵՆ

(Մատթ. 15։10-20)

14 Բոլոր ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ինծի ամէնքդ ու հասկցէք։ 15 Բան մը չկայ որ դուրսէն մարդուն ներսը մտնէ ու կարող ըլլայ զանիկա պղծել, հապա այն բաները, որ անկէ կ’ելլեն, անոնք են որ մարդը կը պղծեն։ 16 Ով որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։

17 Երբ ինք այն բազմութենէն զատուելով տուն մտաւ, իր աշակերտները հարցուցին իրեն այն առակին համար։ 18 Ըսաւ անոնց. «Դո՞ւք ալ այդպէս անմիտ էք. չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ դուրսէն մարդուն ներսիդին կը մտնէ, չի կրնար զանիկա պղծել. 19 Վասն զի ոչ թէ անոր սրտին մէջ կը մտնէ, հապա փորը եւ արտաքնոցը կ’ելլէ»։ Ուստի բոլոր ուտելիքները մաքուր են։ 20 Եւ շարունակեց. «Ինչ որ կ’ելլէ մարդուն ներսէն, անիկա կը պղծէ մարդը։ 21 Վասն զի ներսէն, մարդոց սրտէն, կ’ելլեն չար խորհուրդներ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, սպանութիւններ, 22 Գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւն, գիջութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ 23 Այս բոլոր չար բաները ներսէն կ’ելլեն ու կը պղծեն մարդը»։

ԿՆՈՋ ՄԸ ՀԱՒԱՏՔԸ

(Մատթ. 15։21-28)

24 Անկէ ելլելով Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմանները գնաց։ Տուն մը մտնելով չէր ուզեր որ մէկուն յայտնուի, բայց չկրցաւ ծածկուիլ։ 25 Ահա կին մը, որուն աղջիկը պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, լսեց անոր գալը, եկաւ, անոր ոտքը ինկաւ։ 26 Այն կինը հեթանոս էր, ազգով Փիւնիկ Ասորի ու կ’աղաչէր անոր՝ որ դեւը իր աղջիկէն հանէ։ 27 Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր որ առաջ տղաքը կշտանան, քանզի աղէկ չէ տղոցը հացը առնել ու շուներուն ձգել»։ 28 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուներն ալ՝ սեղանին տակ տղոցը փշրանքներէն կը կերակրուին»։ 29 Յիսուս ըսաւ անոր. «Այդ խօսքիդ համար գնա՛, քու աղջիկէդ դեւը ելաւ»։ 30 Կինը իր տունը երթալով, գտաւ որ դեւը ելած էր ու աղջիկը անկողնին վրայ պառկած էր։

ՅԻՍՈՒՍ ԽՈՒԼ ԵՒ ՀԱՄՐ ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

31 Նորէն Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմաններէն ելլելով, գնաց Գալիլիայի ծովեզերքը, Դեկապոլիսի սահմաններուն մէջէն։ 32 Մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս ու կ’աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։ 33 Ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ, 34 Ապա երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ անոր. «Եփփաթա», (որ ըսել է Բացուէ՛.) 35 Եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան ու անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։ 36 Յիսուս անոնց պատուիրեց որ մարդո՛ւ չըսեն։ Թէեւ ինք կը պատուիրէր անոնց, բայց անոնք ա՛լ աւելի կը տարածէին 37 Ու չափէ դուրս կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՉՈՐՍ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ

(Մատթ. 15։32-39)

8 1 Այն օրերը ժողովուրդը խիստ շատ ըլլալով եւ ուտելու բան մը չունենալով, Յիսուս իրեն կանչեց իր աշակերտները ու ըսաւ անոնց. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի հիմա երեք օր է, որ իմ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Եթէ ատոնք անօթի ղրկեմ իրենց տուները, ճամբուն մէջ պիտի մարին, վասն զի ատոնցմէ ոմանք հեռու տեղէ եկած են»։ Իր աշակերտները պատասխան տուին իրեն. «Այս անապատին մէջ ուրկէ՞ կրնայ մէկը հացով կշտացնել ատոնք»։ Յիսուս հարցուց անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ըսին. «Եօթը» Հրաման ըրաւ ժողովուրդին՝ որ գետնին վրայ նստին։ Առաւ եօթը նկանակը, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, որպէս զի ժողովուրդին առջեւ դնեն եւ դրին։ Քանի մը մանր ձուկեր ալ ունէին։ Օրհնեց ու ըսաւ որ զանոնք ալ դնեն անոնց առջեւ։ Կերան ու կշտացան ու աւելցած կտորուանքը վերցուցին եօթը զամբիւղ։ Ուտողները չորս հազարի չափ էին ու արձակեց զանոնք։ 10 Եւ շուտ մը նաւ մտնելով աշակերտներուն հետ՝ գնաց Դաղմանութայի կողմերը։

ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ՀՐԱՇՔ ՄԸ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ

(Մատթ. 16։1-4)

11 Փարիսեցիները ելլելով՝ սկսան անոր հետ վիճաբանութիւն ընել եւ զանիկա փորձելով՝ իրմէ նշան մը կ’ուզէին երկնքէն։ 12 Անիկա իր հոգիին մէջ հառաչելով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ այս ազգը նշան կ’ուզէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ այս ազգին նշան պիտի չտրուի»։ 13 Ու զանոնք թող տալով նորէն նաւը մտաւ ու գնաց ծովուն միւս կողմը։

ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԵՐՈՎԴԷՍԻՆ ԽՄՈՐԸ

(Մատթ. 16։5-12)

14 Հաց առնել մոռցեր էին, բայց նաւուն մէջ իրենց հետ միայն մէկ նկանակ ունէին։ 15 Պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք փարիսեցիներուն ու Հերովդէսին խմորէն»։ 16 Անոնք իրարու հետ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Հաց չունենալնուս համար է»։ 17 Յիսուս անոնց խորհուրդը իմանալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը խորհիք թէ հաց չունիք. տակաւին չէ՞ք հասկնար ու չէ՞ք իմանար. դեռ սրտերնիդ թմրա՞ծ է։ 18 Աչքեր ունիք ու չէ՞ք տեսներ եւ ականջներ ունիք ու չէ՞ք լսեր։ 19 Չէ՞ք յիշեր, երբ հինգ նկանակը հինգ հազարին կտրեցի։ Քանի՞ կողով լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Ըսին անոր. «Տասներկու»։ 20 «Ու երբ եօթը նկանակը չորս հազարին կտրեցի, քանի՞ զամբիւղ լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը»։ 21 Ու ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչպէս չէք հասկնար»։

ՅԻՍՈՒՍ ԲԵԹՍԱԻԴԱՅԻ ՄԷՋ ԿՈՅՐ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

22 Երբ Բեթսայիդա գնաց, անոր առջեւ կոյր մը բերին ու կ’աղաչէին իրեն որ դպչի անոր։ 23 Անիկա կոյրին ձեռքէն բռնելով գիւղէն դուրս հանեց ու անոր աչքերուն թքնելով՝ ձեռքը անոր վրայ դրաւ ու հարցուց անոր թէ՝ բան մը կը տեսնէ՞։ 24 Ան ալ նայեցաւ եւ ըսաւ. «Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտըտին»։ 25 Նորէն ձեռքը անոր աչքերուն վրայ դրաւ ու անոր նայիլ տուաւ եւ ողջնցաւ ու ամէն բան համարձակ կը տեսնէր։ 26 Ետքը զանիկա իր տունը ղրկելով՝ ըսաւ. «Գիւղը մի՛ մտներ ու գիւղին մէջ մարդու մի՛ ըսեր»։

ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՍԻՆ

(Մատթ. 16։13-20, Ղուկ. 9։18-21)

27 Յիսուս իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ Փիլիպպոսի Կեսարիայի գիւղերը ելաւ ու ճամբուն մէջ հարցուց իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն մարդիկ թէ եմ»։ 28 Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Ոմանք՝ Յովհաննէս Մկրտիչը, ուրիշներ ալ՝ Մարգարէներէն մէկը»։ 29 Եւ ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Դուն ես Քրիստոսը»։ 30 Սաստիկ պատուիրեց անոնց՝ որ իրեն համար մարդո՛ւ բան չըսեն։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մատթ. 16։21-28, Ղուկ. 9։22-27)

31 Ապա սկսաւ սորվեցնել անոնց, թէ «Պէտք է որ Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ ու երէցներէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի եւ երեք օրէն յետոյ յարութիւն առնէ»։ 32 Ու այս խօսքը յայտնի խօսեցաւ։ Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա ու սկսաւ յանդիմանել։ 33 Ինք դարձաւ ու իր աշակերտներուն նայելով՝ յանդիմանեց Պետրոսը ու ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սատանայ, վասն զի դուն Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։

34 Ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ 35 Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։ 36 Քանզի ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ. 37 Կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։ 38 Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ»։

ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

(Մատթ. 17։1-13, Ղուկ. 9։28-36)

9 1 8։39 Եւ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը զօրութիւնով եկած»։ 9։1 Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձինն եւ անոնց առջեւ այլակերպեցաւ։ 9։2 Իր հանդերձները եղան փայլուն, խիստ ճերմակ, այնպէս որ երկրի վրայ թափիչ մը չէր կրնար այդպէս ճերմկցնել։ 9։3 Ու Եղիան Մովսէսին հետ երեւցաւ անոնց եւ Յիսուսին հետ խօսեցան։

9։4 Ապա Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Ռա՛բբի, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։ 9։5 Վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ խօսի, քանզի զարհուրեր էին։ 9։6 Ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ ու ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։ 9։7 Երբ յանկարծ ասդին անդին նայեցան, ուրիշ մէկը չտեսան, հապա միայն Յիսուսը՝ իրենց հետ։ 9։8 Երբ լեռնէն վար կ’իջնէին, պատուիրեց անոնց որ տեսածնին մարդու չպատմեն, բայց միայն Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ։ 10 9։9 Անոնք այն խօսքը պահեցին ու իրենց մէջ հարցուփորձ կ’ընէին թէ ‘Մեռելներէն յարութիւն առնել ի՞նչ ըսել է’։ 11 9։10 Իրեն հարցուցին ու ըսին. «Այն ի՞նչ է որ դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։ 12 9։11 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Յիրաւի առաջ Եղիան պիտի գայ եւ ամէն բան կարգի դնէ, ի՛նչպէս գրուած է Որդին մարդոյ համար, որ շատ չարչարանքներ պիտի կրէ ու անարգուի. 13 9։12 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Եղիան եկաւ ալ եւ ինչ որ ուզեցին՝ ըրին անոր, ինչպէս գրուած էր անոր համար»։

ՅԻՍՈՒՍ ՉԱՐ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՂԱՅ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 17։14-21, Ղուկ. 9։37-44ա)

14 9։13 Աշակերտներուն քովը գալով՝ տեսաւ շատ ժողովուրդ անոնց բոլորտիքը եւ դպիրներ, որ վիճաբանութիւն կ’ընէին անոնց հետ։ 15 9։14 Բոլոր ժողովուրդը, երբ տեսան զանիկա, խիստ զարմացան ու առաջ վազելով բարեւ կու տային անոր։ 16 9։15 Յիսուս հարցուց դպիրներուն. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք անոնց հետ»։ 17 9։16 Ժողովուրդէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, իմ որդիս քեզի բերի, որ համր ոգի ունի։ 18 9։17 Ուր որ անոր հասնի, զանիկա գետինը կը զարնէ, ան ալ կը փրփրի եւ իր ակռաները կը կրճտէ ու կը ցամքի։ Քու աշակերտներուդ բերի որ զանիկա հանեն ու չկրցան»։ 19 9։18 Պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ով անհաւատ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. ինծի բերէք զանիկա»։ 20 9։19 Զանիկա բերին իրեն. երբ տղան տեսաւ Յիսուսը, շուտ մը չար ոգին ցնցեց զանիկա որը գետին ինկաւ, թաւալեցաւ ու փրփրեցաւ։ 21 9։20 Յիսուս հարցուց անոր հօրը ու ըսաւ. «Ո՞րչափ ատեն է որ այդ բանը ատոր եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Տղայութենէն ի վեր։ 22 9։21 Շատ անգամ կրակի ու ջուրի մէջ կը նետէ ատիկա՝ որպէս զի կորսնցնէ. բայց եթէ կարողութիւն մը ունիս՝ օգնէ մեզի, խղճալով մեր վրայ»։ 23 9։22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ կրնաս հաւատալ։ Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ»։ 24 9։23 Տղուն հայրը աղաղակեց ու արցունքով ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս»։ 25 9։24 Յիսուս, երբ տեսաւ որ ժողովուրդը վրան կը դիզուի, սաստեց պիղծ ոգիին ու ըսաւ անոր. «Համր ու խուլ ոգի, կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ, ու մէյ մըն ալ չմտնես ատոր ներսը»։ 26 9։25 Ոգին կանչվռտելով՝ սաստիկ ցնցեց զանիկա ու ելաւ. եւ տղան մեռելի պէս եղաւ, այնպէս որ շատեր ըսին թէ «Մեռաւ»։ 27 9։26 Իսկ Յիսուս անոր ձեռքէն բռնելով վերցուց զանիկա։ Ան ալ կայնեցաւ։ 28 9։27 Ու երբ ինք տուն մտաւ, իր աշակերտները առանձինն հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել զանիկա»։ 29 9։28 Ըսաւ անոնց. «Այդ տեսակը կարելի չէ ուրիշ բանով մը հանել, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մատթ. 17։22-23, Ղուկ. 9։43բ-45)

30 9։29 Անկէ ելլելով Գալիլիայի մէջէն կ’անցնէին ու չէր ուզեր որ մէկը գիտնայ։ 31 9։30 Վասն զի կը սորվեցնէր իր աշակերտներուն ու կ’ըսէր անոնց թէ՝ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, զանիկա պիտի սպաննեն ու երբ սպաննուի՝ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։ 32 9։31 Անոնք չէին հասկնար այն խօսքին իմաստը ու կը վախնային իրեն հարցնելու։

Ո՞Վ Է ՄԵԾԸ

(Մատթ. 18։1-5, Ղուկ. 9։46-48)

33 9։32 Եկաւ Կափառնայում ու երբ տուն մտաւ՝ հարցուց անոնց. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք ճամբան իրարու հետ»։ 34 9։33 Անոնք լուռ կեցան, վասն զի ճամբուն մէջ իրարու հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին թէ՝ ո՞վ մեծ է։ 35 9։34 Երբ նստաւ, կանչեց տասներկուքը ու ըսաւ անոնց. «Եթէ մէկը կ’ուզէ առաջին ըլլալ, ամենէն յետինը պէտք է ըլլայ եւ ամենուն սպասաւորը»։ 36 9։35 Ու տղայ մը առաւ կայնեցուց անոնց մէջ. ապա իր գիրկը առնելով զանիկա՝ ըսաւ անոնց. 37 9։36 «Ով որ այսպիսի տղոցմէ մէկը ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի եւ ով որ զիս ընդունի, ոչ թէ զիս կ’ընդունի, հապա զիս ղրկողը»։

ՈՎ ՈՐ ՄԵԶԻ ԴԷՄ ՉԷ՝ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է

(Ղուկ. 9։49-50)

38 9։37 Յովհաննէս Յիսուսին ըսաւ. «Վա՛րդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր, բայց մեր ետեւէն չի պտըտիր։ Զանիկա արգիլեցինք՝ մեր ետեւէն չպտըտելուն համար։ 39 9։38 Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ արգիլէք զանիկա, վասն զի մէկը չկայ, որ իմ անունովս հրաշք գործէ ու կարենայ ինծի հայհոյել։ 40 9։39 Քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմէն է։ 41 9։40 Վասն զի ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր խմցնէ իմ անունովս թէ դուք Քրիստոսինն էք, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Անիկա իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ’»։

ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 18։6-9, Ղուկ. 17։1-2)

42 9։41 «Եւ ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր»։

43 9։42 «Եթէ քու ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք ունենալ ու գեհեանը երթալ չմարելու կրակին մէջ, 44 9։43 Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։ 45 9։44 Եթէ քու ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի կաղ մտնել կեանքը, քան թէ երկու ոտք ունենալ ու գեհեանը ձգուիլ չմարելու կրակին մէջ, 46 9։45 Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։ 47 9։46 Եթէ քու աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա. աղէկ է քեզի մէկ աչքով Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ, 48 9։47 Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։ 49 9։48 Վասն զի ամէն մարդ կրակով պիտի աղուի եւ ամէն զոհ աղով պիտի աղուի։ 50 9։49 Աղը աղէկ է, բայց եթէ աղը անհամանայ, ինչո՞վ պիտի համովցնէք. ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք»։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մատթ. 19։1-2, Ղուկ. 16։18)

10 1 Անկէ ելլելով՝ Հրէաստանի սահմանները գնաց՝ Յորդանանի անդիի կողմէն։ Նորէն ժողովուրդը անոր քով կը ժողվուէին եւ ինչպէս սովորութիւն ունէր, դարձեալ կը սորվեցնէր անոնց։

Փարիսեցիները քովը եկան եւ զանիկա փորձելով՝ կը հարցնէին անոր թէ «Արժա՞ն է որ այրը իր կինը արձակէ»։ Անիկա պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Մովսէս ձեզի ի՞նչ պատուիրեց»։ Անոնք ըսին. «Մովսէս հրաման տուաւ արձակման գիր գրել ու արձակել»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին կարծրութեանը համար գրեց ձեզի այդ պատուէրը. Բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ», ու ըսաւ. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի Ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա մէկ մարմին։ Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ»։ 10 Եւ տունը իր աշակերտները նորէն նոյն բանը հարցուցին իրեն։ 11 Ըսաւ անոնց. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ։ 12 Ու կին մը եթէ իր էրիկէն զատուի եւ ուրիշ էրիկ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՐ ՏՂԱՔ Կ’ՕՐՀՆԷ

(Մատթ. 19։13-15, Ղուկ. 18։15-17)

13 Մանր տղաք բերին իրեն. որպէս զի անոնց դպչի, բայց աշակերտները կը յանդիմանէին բերողները։ 14 Յիսուս երբ տեսաւ, սրդողելով անոնց ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ 15 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։ 16 Եւ զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք։

ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴԸ

(Մատթ. 19։16-30, Ղուկ. 18։18-30)

17 Երբ անիկա դուրս ելաւ ճամբուն մէջ, ահա մարդ մը վազեց ու անոր առջեւ ծունկի գալով՝ հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ 18 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես։ Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ 19 Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպանութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Զրկանք մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ 20 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։ 21 Յիսուս անոր նայելով՝ սիրեց զանիկա ու ըսաւ անոր. «Մէկ բան պակաս է քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ խաչը վերցուր ու եկուր իմ ետեւէս»։ 22 Անիկա այս խօսքին համար խոժոռելով՝ տրտմած գնաց, վասն զի շատ ստացուածք ունէր։ 23 Յիսուս իր շուրջը նայելով՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին»։ 24 Աշակերտները զարմացան անոր խօսքերուն վրայ. բայց Յիսուս նորէն շարունակեց ու անոնց ըսաւ. «Որդեա՛կներ, ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել իրենց հարստութեան յուսացողներուն։ 25 Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ 26 Անոնք խիստ շատ զարմացան ու ըսին իրարու. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ 27 Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց ո՛չ Աստուծոյ կողմէ. քանզի Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է»։ 28 Պետրոս ըսաւ անոր. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։ 29 Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, 30 Որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’։ 31 Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին ու յետիններ՝ առաջին»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մատթ. 20։17-19, Ղուկ. 18։31-34)

32 Երբ անոնք դէպի Երուսաղէմ կ’ելլէին ու ճամբուն մէջ էին, Յիսուս անոնցմէ առաջ կ’երթար։ Անոնք կը զարմանային ու ետեւէն երթալով՝ կը վախնային։ Նորէն քովը առնելով տասներկուքը, սկսաւ թուել անոնց՝ ինչ բաներ որ իրեն պիտի պատահէին. 33 Ու ըսաւ. «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն ու զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն 34 Եւ զանիկա ծաղր պիտի ընեն ու ծեծեն եւ անոր վրայ պիտի թքնեն ու զանիկա մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։

ՅԱԿՈԲՈՍԻՆ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔԸ

(Մատթ. 20։20-28)

35 Ապա անոր քով գացին Յակոբոսն ու Յովհաննէսը՝ Զեբեդէոսի որդիները՝ ու ըսին. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք որ քեզմէ ինչ որ խնդրենք՝ մեզի ընես»։ 36 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ ձեզի»։ 37 Անոնք ալ ըսին իրեն. «Շնորհէ մեզի, որ նստինք մեզմէ մէկը՝ աջ կողմդ եւ միւսը՝ ձախ կողմդ քու փառքիդ մէջ»։ 38 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Չէք գիտեր ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես կը խմեմ եւ այն մկրտութիւնովը մկրտուիլ՝ որով ես կը մկրտուիմ»։ 39 Անոնք ըսին իրեն. «Կրնանք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այն գաւաթը որ ես կը խմեմ՝ պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնովը որով ես կը մկրտուիմ՝ պիտի մկրտուիք, 40 Բայց իմ աջ կողմս ու ձախ կողմս նստիլը՝ իմս չէ տալը, հապա որոնց որ պատրաստուած է»։ 41 Ու երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին, սկսան Յակոբոսին ու Յովհաննէսին նեղանալ։ 42 Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ անոնց. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխան սեպուածները կը տիրեն անոնց եւ անոնց մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. 43 Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ. 44 Ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ամենուն ծառայ պէտք է ըլլայ։ 45 Քանզի Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու»։

ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՅՐ ԲԱՐՏԻՄԷՈՍԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 20։29-34, Ղուկ. 18։35-43)

46 Եկան Երիքով։ Երբ Երիքովէն կ’ելլէր աշակերտներովը եւ շատ բազմութիւնով, Տիմէոսի որդին կոյր Բարտիմէոս ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։ 47 Երբ լսեց թէ Յիսուս Նազովրեցին է, սկսաւ աղաղակել ու ըսել. «Յիսո՛ւս, որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։ 48 Շատեր կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ։ Բայց անիկա ա՛լ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛ Դաւիթի, ողորմէ ինծի»։ 49 Յիսուս կանգ առնելով՝ ըսաւ որ զանիկա կանչեն։ Կանչեցին կոյրը ու ըսին անոր. «Քա՛ջ եղիր, ելի՛ր, քեզ կը կանչէ»։ 50 Անիկա իր հանդերձը ձգելով, ելաւ ու եկաւ Յիսուսին։ 51 Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ»։ Կոյրը ըսաւ. «Ռաբբունի, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։ 52 Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Եւ շուտ մը անոր աչքերը բացուեցան ու ճամբան Յիսուսին ետեւէն կ’երթար։

ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

(Մատթ. 21։1-11, Ղուկ. 19։28-40, Յովհ. 12։12-19)

11 1 Երբ Երուսաղէմի մօտեցան, Բեթփագէ ու Բեթանիա դէպի Ձիթենեաց լեռը, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց, ըսելով. «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս՝ պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ մարդ մը նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։ Եթէ մէկը ըսէ ձեզի թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընէք’, ըսէք ‘Տէրոջը պէտք է. եւ շուտ մը հոս պիտի ղրկէ զանիկա’»։ Գացին եւ գտան աւանակը՝ դուրսը փողոցին մէջ՝ դրանը քով կապուած ու արձակեցին զանիկա։ Եւ հոն կայնողներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ կ’արձակէք այդ աւանակը»։ Անոնք ըսին անոնց ինչպէս Յիսուս պատուիրեր էր ու իրենց թող տուին։ Երբ աւանակը Յիսուսին բերին, անոր վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ անոր վրայ։ Շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։ Առջեւէն ու ետեւէն գացողները կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա. Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ 10 Օրհնեալ է մեր Դաւիթ հօրը թագաւորութիւնը որ կու գայ. Ովսաննա ի բարձունս»։

11 Յիսուս մտաւ Երուսաղէմ ու գնաց տաճարը եւ չորս կողմը՝ ամէն բան աչքէ անցուց։ Արդէն ժամանակը իրիկուն ըլլալով՝ Բեթանիա ելաւ տասներկուքին հետ մէկտեղ։

ՅԻՍՈՒՍ ԹԶԵՆԻՆ Կ’ԱՆԻԾԷ

(Մատթ. 21։18-19)

12 Հետեւեալ օրը Բեթանիայէն կ’ելլէին, անօթեցաւ 13 Եւ հեռուէն տերեւալից թզենի մը տեսնելով գնաց, խորհելով թէ վրան բան մը կը գտնէ, բայց երբ անոր քով գնաց՝ տերեւներէն զատ բան չգտաւ, վասն զի դեռ թուզի ատենը չէր։ 14 Այն ատեն ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան»։ Իր աշակերտները լսեցին։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԸ Կ’ԵՐԹԱՅ

(Մատթ. 21։12-17, Ղուկ. 19։45-48, Յովհ. 2։13-22)

15 Երբ հասան Երուսաղէմ, Յիսուս տաճարը մտնելով՝ դուրս հանեց զանոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին։ Ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց 16 Եւ թող չտուաւ, որ մէկը տաճարին մէջէն աման մը անցընէ 17 Եւ սորվեցուց անոնց ու ըսաւ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’. բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։ 18 Դպիրներն ու քահանայապետները զայս լսելով՝ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս կորսնցնեն զանիկա, քանզի անկէ կը վախնային. վասն զի բոլոր ժողովուրդը զարմացեր էր անոր վարդապետութեանը վրայ։ 19 Իրիկունը քաղաքէն դուրս ելաւ։

ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ

(Մատթ. 21։20-22)

20 Առտուն երբ անկէ կ’անցնէին, թզենին տեսան արմատէն չորցած։ 21 Պետրոսին միտքը եկաւ ու ըսաւ անոր. «Ռաբբի՛, ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է»։ 22 Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք. 23 Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ով որ այս լերան ըսէ՝ «Ելի՛ր ու ծովը ինկի՛ր» եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ’ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ’։ 24 Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի’։ 25 Երբ աղօթքի կը կայնիք, ներեցէ՛ք եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէս զի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները։ 26 Իսկ եթէ դուք չներէք, ձեր Հայրն ալ որ երկինքն է, պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 21։23-27, Ղուկ. 20։1-8)

27 Նորէն Երուսաղէմ եկան։ Երբ տաճարին մէջ կը պտըտէր, քահանայապետները եւ դպիրները ու ծերերը անոր եկան 28 Ու ըսին անոր. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես»։ 29 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ 30 Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ։ Պատասխան տուէք ինծի»։ 31 Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ըսենք՝ Երկնքէն, պիտի ըսէ, Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր. 32 Իսկ եթէ ըսենք՝ Մարդոցմէ», ժողովուրդէն կը վախնային, վասն զի ամէնքը գիտէին թէ Յովհաննէսը ճշմարտապէս մարգարէ էր։ 33 Ուստի պատասխան տալով՝ ըսին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Յիսուս ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։

ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 21։33-46, Ղուկ. 20։9-19)

12 1 Ապա շարունակեց առակներով խօսիլ անոնց հետ ու ըսել. «Մարդ մը այգի տնկեց, անոր շուրջը ցանկ քաշեց, հնձան փորեց, աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ Ատենին ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի մշակներէն այգիին պտուղէն առնէ։ Իսկ անոնք բռնեցին, ծեծեցին զանիկա, պարապ ճամբեցին։ Նորէն ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց անոնց։ Զանիկա քարկոծելով գլուխը վիրաւորեցին ու անարգուած ճամբեցին։ Դարձեալ ուրիշ մը ղրկեց։ Զանիկա սպաննեցին։ Շատ ուրիշներ ալ ղրկեց, որոնցմէ մէկ քանիները ծեծեցին ու մէկ քանիները սպաննեցին։ Ուստի՝ սիրելի որդի մըն ալ ունենալով, վերջապէս զանիկա ալ ղրկեց անոնց՝ ըսելով. ‘Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։ Բայց այն մշակները ըսին իրարու. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու ժառանգութիւնը մերը ըլլայ’։ Բռնեցին զանիկա ու սպաննեցին ու այգիէն դուրս հանեցին։ Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ։ Պիտի գայ ու կորսնցնէ մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ։ 10 Այս գիրը չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ. 11 Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն’»։

12 Մտածեցին բռնել զանիկա, բայց ժողովուրդէն վախցան, քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ եւ ձգեցին զանիկա ու գացին։

ՏՈՒՐՔ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 22։15-22, Ղուկ. 20։20-26)

13 Եւ Փարիսեցիներն ու Հերովդէսեանները քանի մը հոգի ղրկեցին անոր, որպէս զի խօսքով բռնեն զանիկա։ 14 Անոնք եկան ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտասէր ես եւ մէկո՛ւն համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես. Կայսրին տուրք տալ օրինաւո՞ր է։ Տա՞նք թէ չտանք»։ 15 Յիսուս գիտնալով անոնց կեղծաւորութիւնը՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ Բերէ՛ք ինծի դահեկան մը որ տեսնեմ»։ 16 Անոնք բերին։ Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն է այս պատկերը ու գիրը»։ Անոնք ըսին. «Կայսրին»։ 17 Յիսուս պատասխան տալով ըսաւ անոնց. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ Ու զարմացան անոր վրայ։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 22։23-33, Ղուկ. 20։27-40)

18 Անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ անոր հարցուցին՝ ըսելով. 19 «Վարդա՛պետ, Մովսէս մեզի գրեց թէ՝ ‘Եթէ մէկուն եղբայրը մեռնի ու կինը ձգէ եւ զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ 20 Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ եւ զաւակ չունեցաւ։ 21 Երկրորդը առաւ զանիկա ու մեռաւ։ Ան ալ զաւակ չունեցաւ. նոյնպէս ալ երրորդը։ 22 Ու եօթն ալ զանիկա առին եւ զաւակ չունեցան. ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ 23 Ուրեմն յարութեան ատեն, երբ յարութիւն առնեն, անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։ 24 Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։ 25 Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։ 26 Բայց մեռելներուն համար՝ թէ յարութիւն կ’առնեն, Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ 27 Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք»։

ՄԵԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔԸ

(Մատթ. 22։34-40, Ղուկ. 10։25-28)

28 Դպիրներէն մէկը եկաւ ու մտիկ կ’ընէր անոնց՝ երբ վիճաբանութիւն կ’ընէին ու երբ տեսաւ թէ աղէկ պատասխան տուաւ անոնց, հարցուց անոր ու ըսաւ. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը»։ 29 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’. 30 ‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ 31 Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ»։ 32 Դպիրը ըսաւ անոր. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ. 33 Եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։ 34 Յիսուս տեսնելով որ անիկա խելացութիւնով պատասխան տուաւ, ըսաւ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»։ Եւ ա՛լ ուրիշ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։

ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 22։41-46, Ղուկ. 20։41-44)

35 Երբ Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէր՝ ըսաւ. «Դպիրները ինչպէ՞ս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։ 36 Ինք՝ Դաւիթ Սուրբ Հոգիով կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս. մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ 37 Ուրեմն Դաւիթ ինք որ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։ Ժողովուրդէն շատերը յօժարութեամբ մտիկ կ’ընէին անոր։

ՅԻՍՈՒՍ ԴՊԻՐՆԵՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

(Մատթ. 23։1-36, Ղուկ. 20։45-47)

38 Իր վարդապետութեանը մէջ կ’ըսէր անոնց. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը փնտռեն 39 Ու ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները. 40 Որոնք որբեւայրիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն։ Ասոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։

ՈՐԲԵՒԱՅՐԻԻՆ ՆՈՒԷՐԸ

(Ղուկ. 21։1-4)

41 Եւ Յիսուս գանձանակին քով նստած՝ կը նայէր թէ ժողովուրդը գանձանակին մէջ ի՛նչպէս ստակ կը ձգէ։ Շատ հարուստներ շատ բան ձգեցին։ 42 Աղքատ որբեւայրի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ։ 43 Իր աշակերտները իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց. 44 Վասն զի ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ԱՒԵՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մատթ. 24։1-2, Ղուկ. 21։5-6)

13 1 Երբ տաճարէն դուրս կ’ելլէր, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի»։

ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐ

(Մատթ. 24։3-14, Ղուկ. 21։7-19)

Երբ անիկա Ձիթենեաց լեռը՝ տաճարին դէմ՝ նստեր էր, Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսն ու Անդրէասը հարցուցին իրեն առանձինն. «Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ. Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ ‘Ես եմ Քրիստոսը’ ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ Բայց երբ լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր՝ մի՛ խռովիք, վասն զի պէտք է ըլլայ, բայց դեռ վերջը չէ։ Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։ Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն համար. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն տալու համար։ 10 Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։ 11 Բայց երբ ձեզ մատնելու տանին, առաջուընէ հոգ մի՛ ընէք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, հապա այն ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զանիկա խօսեցէք. վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա Սուրբ Հոգին»։

ՍՈՍԿԱԼԻ ԱՒԵՐՈՒՄՆԵՐ

(Մատթ. 24։15-28, Ղուկ. 21։20-24)

12 «Եղբայր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ 13 Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի։ 14 Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ ըսուած է, թէ արժան չեղած տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ՝ թող հասկնայ) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին 15 Եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու 16 Եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու։ 17 Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ 18 Աղօթք ըրէք, որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ։ 19 Քանզի այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ 20 Եթէ Տէրը այն օրերը չկարճեցնէ, բնաւ մարմին մը պիտի չապրի։ Բայց ընտրեալներուն համար որոնք ընտրեց՝ այն օրերը կարճեցուց։ 21 Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ՝ ‘Ահա հո՛ս է Քրիստոսը’, կամ ‘Ահա հո՛ն’, մի՛ հաւատաք. 22 Վասն զի սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու նշաններ եւ հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որպէս զի եթէ կարելի ըլլայ, ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ 23 Իսկ դուք զգո՛յշ կեցէք. ահա առաջուընէ ըսի ձեզի ամէնը»։

ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

(Մատթ. 24։29-31, Ղուկ. 21։25-28)

24 «Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ 25 Եւ աստղերը երկնքէն պիտի թափթփին ու երկնքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 26 Այն ատեն Որդին մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։ 27 Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը»։

ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ

(Մատթ. 24։32-35, Ղուկ. 21։29-33)

28 «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. երբ անոր ոստերը կը կակուղնան ու տերեւները կը ցցուին, կը հասկնաք թէ՝ ամառը մօտ է։ 29 Նոյնպէս ալ դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ 30 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս ամէն բաները ըլլան։ 31 Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։

ՈՉ ՈՔ ԳԻՏԷ ՕՐԸ ԵՒ ԺԱՄԸ

(Մատթ. 24։36-44)

32 «Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը։ 33 Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ 34 Ինչպէս օտար երկիր գացող մարդ մը իր տունը կը թողու ու իր ծառաներուն իշխանութիւն կու տայ եւ ամէն մէկուն իր գործը ու դռնապանին կ’ապսպրէ որ արթուն կենայ։ 35 Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։ 36 Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։ 37 Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։

ԴԱՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԴԷՄ

(Մատթ. 26։1-5, Ղուկ. 22։1-2, Յովհ. 11։45-53)

14 1 Երկու օր յետոյ զատիկ ու բաղարջակերք էր. եւ քահանայապետներն ու դպիրները կը խորհէին թէ ի՞նչ նենգութեամբ բռնեն զանիկա ու մեռցնեն։ Բայց կ’ըսէին. «Ոչ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՕԾՈՒՄԸ ԲԵԹԱՆԻԱՅԻ ՄԷՋ

(Մատթ. 26։6-13, Յովհ. 12։1-8)

Երբ ինք Բեթանիա էր՝ բորոտ Սիմոնին տունը՝ սեղան նստած, կին մը եկաւ, որ շիշ մը պատուական սուղ նարդոսի իւղ ունէր։ Կոտրեց այն շիշը ու իւղը անոր գլխուն վրայ թափեց։ Կային ոմանք, որ կը նեղուէին ու կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար եղաւ այդ իւղին կորուստը, Քանզի այդ [իւղը] երեք հարիւր դահեկանէն աւելի կրնար ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։ Եւ սաստիկ կը յանդիմանէին զանիկա։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Թող տուէք ատոր, ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք, ատիկա բարի գործ մը գործեց ինծի։ Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք ու երբ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք ընել, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։ Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ։ Առաջուընէ իմ մարմինս օծեց իմ թաղումիս համար։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի յիշուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։

ՅՈՒԴԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ՄԱՏՆԵԼ ԿԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻ

(Մատթ. 26։14-16, Ղուկ. 22։3-6)

10 Յուդա Իսկարիովտացի, տասներկուքէն մէկը, գնաց քահանայապետներուն, որ զանիկա մատնէ անոնց։ 11 Անոնք ալ լսելով ուրախացան ու իրեն ստակ ալ խոստացան։ Ան կը փնտռէր յարմար պատեհութիւն մը, որ մատնէ զանիկա։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԶԱՏԻԿԸ Կ’ՈՒՏԷ

(Մատթ. 26։17-25, Ղուկ. 22։7-14, 21-23, Յովհ. 13։21-30)

12 Բաղարջակերաց առաջին օրը, երբ զատիկը կը մորթէին, անոր աշակերտները ըսին իրեն. «Ո՞ւր կ’ուզես որ երթանք պատրաստենք՝ որպէս զի զատիկը ուտես»։ 13 Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց ու ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք քաղաքը ու ձեզի մարդ մը պիտի պատահի՝ որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը կը տանի, գացէ՛ք անոր ետեւէն։ 14 Ուր որ մտնէ, տանը տիրոջը ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ, Ո՞ւր է օթեւանը, ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ կարենամ զատիկը ուտել’։ 15 Ան ալ ձեզի յարդարուած ու պատրաստ մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ. հոն պատրաստեցէք մեզի»։ 16 Աշակերտները գացին ու քաղաքը մտան եւ ինչպէս իրենց ըսաւ՝ այնպէս գտան եւ զատիկը պատրաստեցին։

17 Իրիկունը, տասներկուքին հետ մէկտեղ գնաց հոն։ 18 Երբ սեղան նստան եւ կ’ուտէին, ըսաւ Յիսուս. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը որ հիմա ինծի հետ կ’ուտէ, զիս պիտի մատնէ»։ 19 Անոնք սկսան տրտմիլ ու մէկիկ մէկիկ ըսել անոր. «Միթէ ե՞ս եմ». եւ ուրիշ մը՝ «Միթէ ե՞ս եմ»։ 20 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Տասներկուքէն ան, որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց։ 21 Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։

ՏԷՐՈՋԸ ԸՆԹՐԻՔԸ

(Մատթ. 26։26-30, Ղուկ. 22։14-20, Ա. Կորթ. 11։23-25)

22 Երբ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Առէ՛ք, ա՛յս է իմ մարմինս»։ 23 Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց։ Ամէնքն ալ խմեցին անկէ։ 24 Ըսաւ անոնց. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի։ 25 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ նոր գինին խմեմ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՈՒՐԱՆԱԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ

(Մատթ. 26։31-35, Ղուկ. 22։31-34, Յովհ. 13։36-38)

26 Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։ 27 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ամէնքդ ալ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու ոչխարները պիտի ցրուին’։ 28 Բայց յարութիւն առնելէս ետքը ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։ 29 Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես»։ 30 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, որ դուն ալ այս գիշեր՝ դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։ 31 Պետրոս աւելի կը պնդէր ու կ’ըսէր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնիլ ալ պէտք ըլլայ ինծի, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ». նոյնպէս կ’ըսէին բոլորն ալ։

ՅԻՍՈՒՍ ԳԵԹՍԵՄԱՆԻԻ ՄԷՋ Կ’ԱՂՕԹԷ

(Մատթ. 26։36-46, Ղուկ. 22։39-46)

32 Եկան այն տեղը որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հո՛ս նստեցէք, մինչեւ որ ես աղօթք ընեմ»։ 33 Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, սկսաւ խռովիլ եւ վշտանալ։ 34 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է. հո՛ս կեցէք եւ արթուն մնացէք»։ 35 Քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ, որ եթէ կարելի է, այն ժամը իրմէ անցնի։ 36 Եւ ըսաւ. «Աբբա՛ Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինձմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։ 37 Երբ եկաւ ու զանոնք քնացած գտաւ՝ ըսաւ Պետրոսին. «Սի՛մոն, կը քնանա՞ս, չկրցա՞ր ժամ մը արթուն կենալ։ 38 Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք. հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ 39 Նորէն գնաց աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։ 40 Եւ դարձաւ ու զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր եւ չէին գիտեր թէ ի՞նչ պատասխան տան անոր։ 41 Երրորդ անգամ ալ եկաւ ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէ՛ք ու հանգչեցէ՛ք. բաւական է, ժամը հասաւ, ահա Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ 42 Ելէ՛ք երթանք։ Ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 26։47-56, Ղուկ. 22։47-53, Յովհ. 18։3-12)

43 Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդան, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ քահանայապետներուն եւ դպիրներուն ու ծերերուն կողմէն շատ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով։ 44 Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ո՛վ որ ես համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զանիկա եւ զգուշութեամբ տարէք»։ 45 Անիկա գալով մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. «Ռաբբի՛, Ռաբբի՛», ու համբուրեց զանիկա։ 46 Անոնք ձեռք զարկին անոր ու բռնեցին զանիկա։ 47 Եւ քովը կայնողներէն մէկը սուրը քաշեց ու զարկաւ քահանայապետին ծառային ու անոր ականջը մէկդի հանեց։ 48 Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իբր աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ 49 Ամէն օր ձեր քով էի ու տաճարին մէջ կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք, բայց որպէս զի գրքերը կատարուին»։ 50 Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։ 51 Երիտասարդ մը անոր ետեւէն կ’երթար՝ մերկ մարմինին վրայ կտաւ մը առած ու երիտասարդները զանիկա բռնեցին. 52 Ան ալ կտաւը թողուց ու մերկ փախաւ անոնցմէ։

ՅԻՍՈՒՍ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌՋԵՒ

(Մատթ. 26։57-68, Ղուկ. 22։54-55, 63-71, Յովհ. 18։13-14, 19-24)

53 Տարին Յիսուսը քահանայապետին, անոր քով ժողվուեցան բոլոր քահանայապետները եւ ծերերը ու դպիրները։ 54 Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ ներսը, քահանայապետին գաւիթը սպասաւորներուն հետ նստաւ ու կրակին քով կը տաքնար։ 55 Քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը Յիսուսին դէմ վկայութիւն կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն եւ չէին գտներ. 56 Վասն զի շատեր սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ, բայց վկայութիւնները իրարու համաձայն չէին։ 57 Ոմանք ելան սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ ու կ’ըսէին. 58 «Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’»։ 59 Բայց այնպէս ալ իրենց վկայութիւնը համաձայն չէր։ 60 Եւ քահանայապետը մէջտեղը ոտքի ելլելով՝ հարցուց Յիսուսին ու ըսաւ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։ 61 Բայց ան լուռ կը կենար եւ պատասխան մը չէր տար։ Քահանայապետը նորէն կը հարցնէր անոր ու կ’ըսէր. «Դո՞ւն ես Քրիստոսը, օրհնեալ Աստուծոյ Որդին»։ 62 Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած»։ 63 Քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ։ 64 Ատոր հայհոյութիւնը լսեցիք. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Ամէնքը դատապարտեցին զանիկա՝ թէ մահապարտ է։

65 Ոմանք սկսան թքնել ու անոր երեսը ծածկել եւ բռունցքով ծեծել ու ըսել. «Մարգարէացի՛ր»։ Սպասաւորները ապտակ կը զարնէին անոր։

ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ

(Մատթ. 26։69-75, Ղուկ. 22։56-62, Յովհ. 18։15-18, 25-27)

66 Պետրոս վարը գաւիթն էր։ Քահանայապետին աղախիններէն մէկը եկաւ 67 Ու տեսնելով Պետրոսը որ կը տաքնար՝ նայեցաւ անոր ու ըսաւ. «Դո՛ւն ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էիր»։ 68 Բայց անիկա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս»։ Երբ դուրս ելաւ գաւիթին դրանը առջեւ, հաւը խօսեցաւ։ 69 Եւ աղախինը նորէն տեսաւ զանիկա ու սկսաւ շուրջը կայնողներուն ըսել. «Ա՛ս ալ անոնցմէ է»։ 70 Եւ անիկա նորէն ուրացաւ։ Ու քիչ մը ետքը՝ նորէն հոն կայնողները ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն անոնցմէ ես, վասն զի Գալիլիացի ես եւ քու խօսուածքդ ալ նման է անոնց»։ 71 Բայց անիկա սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով. «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար, որուն համար դուք կ’ըսէք»։ 72 Իսկոյն երկրորդ անգամ հաւը խօսեցաւ։ Պետրոս միտքը բերաւ այն խօսքը, որ Յիսուս իրեն ըսեր էր. «Դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Ու սկսաւ լալ։

ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ ԱՌՋԵՒ

(Մատթ. 27։1-2, 11-14, Ղուկ. 23։1-5, Յովհ. 18։28-38)

15 1 Առտուն՝ շուտ մը քահանայապետները՝ ծերերուն ու դպիրներուն հետ եւ բոլոր ժողովն ալ խորհուրդ ըրին, Յիսուսը կապեցին ու տարին մատնեցին Պիղատոսին։ Պիղատոս հարցուց անոր ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես Հրէից թագաւորը»։ Անիկա ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Դո՛ւն կ’ըսես»։ Եւ քահանայապետները շատ ամբաստանութիւն կ’ընէին անոր վրայով։ Պիղատոս նորէն հարցուց անոր՝ ըսելով. «Պատասխան մը չե՞ս տար. նայէ ո՞րչափ քեզի դէմ կը վկայեն»։ Յիսուս տակաւին պատասխան մը չտուաւ, այնպէս որ Պիղատոս զարմացաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ

(Մատթ. 27։15-26, Ղուկ. 23։13-25, Յովհ. 18։38–19։16)

Տօնին ատենը կապուած մը կ’արձակէր անոնց, ո՛րը որ իրենք ուզէին։ Մէկը կար Բարաբբա անունով՝ իր ընկեր խռովարարներուն հետ կապուած, որոնք խռովութեան ատենը մարդասպանութիւն ըրեր էին։ Ժողովուրդը աղաղակելով՝ սկսաւ խնդրել որ ընէ, ինչպէս միշտ կ’ընէր իրենց։ Եւ Պիղատոս անոնց դարձաւ ու ըսաւ. «Կ’ուզէ՞ք որ Հրէից թագաւորը արձակեմ ձեզի»։ 10 Քանզի գիտէր թէ քահանայապետները նախանձի համար մատներ էին զանիկա։ 11 Քահանայապետները ժողովուրդը գրգռեցին որ խնդրեն Բարաբբան արձակել։ 12 Նորէն Պիղատոս հարցուց ու ըսաւ անոնց. «Հապա Հրէից թագաւորը ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ»։ 13 Անոնք աղաղակեցին. «Խա՛չը հանէ ատիկա»։ 14 Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Խա՛չը հանէ ատիկա»։ 15 Պիղատոս ժողովուրդը գոհացնել ուզելով՝ Բարաբբան արձակեց անոնց ու Յիսուսը ծեծելով՝ անոնց ձեռքը տուաւ որպէս զի խաչուի։

ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ԾԱՂՐԵՆ

(Մատթ. 27։27-31, Յովհ. 19։2-3)

16 Զինուորները ներս տարին զանիկա գաւիթը, այսինքն պալատը եւ բոլոր գունդը մէկտեղ կանչեցին, 17 Ու հագցուցին անոր ծիրանիներ եւ փշեղէն պսակ հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին։ 18 Ու սկսան բարեւ տալ անոր ու ըսել. «Ողջո՛յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։ 19 Անոր գլուխը եղէգով կը ծեծէին ու կը թքնէին անոր վրայ եւ ծունկի վրայ գալով երկրպագութիւն կ’ընէին անոր։ 20 Երբ ծաղր ըրին զանիկա, ծիրանիները վրայէն հանեցին եւ իր հանդերձները հագցուցին անոր ու դուրս հանեցին զանիկա՝ որպէս զի խաչը հանեն։

ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉԻՆ ՎՐԱՅ ԳԱՄՈՒԵՑԱՒ

(Մատթ. 27։32-44, Ղուկ. 23։26-43, Յովհ. 19։17-27)

21 Եւ Սիմոն Կիւրենացին, Աղեքսանդրոսին եւ Ռուփոսին հայրը, որ ատկէ կ’անցնէր արտէն եկած, ստիպեցին որ անոր խաչը վերցնէ։ 22 Ու տարին զանիկա Գողգոթա ըսուած տեղը, որ կը թարգմանուի Գանկի տեղ, 23 Եւ անոր զմուռսով խառնուած գինի տուին որ խմէ, բայց ինք չառաւ։ 24 Ու խաչը հանեցին զանիկա եւ անոր հանդերձները բաժնեցին՝ անոնց վրայ վիճակ ձգելով թէ՝ ո՞վ ի՛նչ պիտի առնէ։ 25 Ժամը երեքն էր ու խաչը հանեցին զանիկա։ 26 Անոր յանցանքի գիրը գրուած էր թէ «Հրէից թագաւորն է»։ 27 Ու անոր հետ երկու աւազակ խաչը հանեցին. մէկը անոր աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը։ 28 Եւ կատարուեցաւ գրուածը որ կ’ըսէ. «Անօրէններու հետ սեպուեցաւ»։ 29 Եւ անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին ու կ’ըսէին. «Աւա՜ղ որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր։ 30 Ինքզինքդ ազատէ՛ ու իջի՛ր խաչէն»։ 31 Նոյնպէս ալ քահանայապետները դպիրներուն հետ իրենց մէջ ծաղր ընելով՝ կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։ 32 Այդ Քրիստոսը, Իսրայէլի թագաւորը, թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէս զի տեսնենք ու հաւատանք»։ Եւ իրեն հետ խաչուողները կը նախատէին զանիկա։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՀԸ

(Մատթ. 27։45-56, Ղուկ. 23։44-49, Յովհ. 19։28-30)

33 Վեցերորդ ժամը հասածին պէս՝ բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ 34 Իններորդ ժամուն՝ Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլօի՜, Էլօի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ կը թարգմանուի՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։ 35 Եւ քովը կայնողներէն ոմանք երբ լսեցին՝ ըսին թէ՝ Եղիան կը կանչէ։ 36 Ու մէկը վազեց սպունգ մը քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցնելով՝ տուաւ անոր որպէս զի խմէ եւ ըսաւ. «Թող տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա վար իջեցնելու»։

37 Յիսուս մեծ ձայն մը հանեց ու հոգին տուաւ։ 38 Տաճարին վարագոյրը երկուքի պատռուեցաւ վերէն վար։ 39 Հարիւրապետը, որ անոր դէմ կեցեր էր, տեսնելով որ այսպէս աղաղակելով հոգի տուաւ, ըսաւ. «Արդարեւ Որդի Աստուծոյ էր այս մարդը»։ 40 Կիներ ալ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին։ Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ պզտիկ Յակոբոսին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն, 41 Որոնք երբ Յիսուս Գալիլիա էր, անոր ետեւէն կ’երթային եւ սպասաւորութիւն կ’ընէին։ Ուրիշ շատ կիներ ալ՝ որոնք իրեն հետ Երուսաղէմ ելեր էին։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԹԱՂՈՒՄԸ

(Մատթ. 27։57-61, Ղուկ. 23։50-56, Յովհ. 19։38-42)

42 Երբ իրիկուն եղաւ, այն օրը ուրբաթ էր, այսինքն շաբաթին առջի օրը, 43 Յովսէփ Արիմաթացի, երեւելի խորհրդական մը, որ ինքն ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կը սպասէր, եկաւ ու համարձակելով՝ Պիղատոսին քով մտաւ եւ Յիսուսին մարմինը խնդրեց։ 44 Պիղատոս զարմացաւ որ արդէն մեռած է։ Հարիւրապետը իրեն կանչելով՝ հարցուց անոր. «Շա՞տ ատեն է որ մեռաւ»։ 45 Երբ ան ստոյգը իմացաւ հարիւրապետէն, մարմինը Յովսէփին շնորհեց։ 46 Յովսէփ կտաւ գնեց ու զանիկա վար իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու դրաւ գերեզմանի մը մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ քար մը գլորեց գերեզմանին դուռը։ 47 Իսկ Մարիամ Մագդաղենացին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը տեսան այն տեղը, ուր դրուեցաւ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 28։1-8, Ղուկ. 24։1-12, Յովհ. 20։1-10)

16 1 Երբ շաբաթը անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն խունկեր ծախու առին, որպէս զի երթան օծեն զանիկա։ Մէկշաբթի առտուն շատ կանուխ, երբ արեւը կը ծագէր, գացին գերեզմանը Ու իրարու կ’ըսէին. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի գերեզմանին դռնէն», Ու նայեցան տեսան որ քարը գլորուած էր, վասն զի շատ մեծ էր։ Գերեզմանէն ներս մտնելով՝ երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստեր էր ճերմակ պատմուճան հագած ու զարհուրեցան։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Մի՛ զարհուրիք, Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահա այն տեղը ուր դրին զանիկա։ Ուրեմն գացէ՛ք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն եւ Պետրոսին, թէ ահա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ. հոն պիտի տեսնէք զանիկա՝ ինչպէս ձեզի ըսաւ»։ Կիները դողով ու ապշութեամբ բռնուած՝ ելան ու փախան գերեզմանէն եւ մարդու բան չըսին, քանզի կը վախնային։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՐԻԱՄ ՄԱԳԴԱՂԵՆԱՑԻԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Մատթ. 28։9-10, Յովհ. 20։11-18)

Յիսուս մէկշաբթի առտուն յարութիւն առած՝ առաջ Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ, որմէ եօթը դեւ հաներ էր։ 10 Անիկա գնաց անոնց պատմեց՝ որոնք իր հետն էին, երբ սուգ կ’ընէին ու կու լային։ 11 Իսկ անոնք երբ լսեցին թէ կենդանի է եւ երեւցաւ, չհաւատացին։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Ղուկ. 24։13-35)

12 Ետքը ուրիշ կերպարանքով երեւցաւ անոնցմէ երկուքին՝ որոնք քալելով արտը կ’երթային։ 13 Անոնք գացին միւսներուն պատմեցին։ Անոնք ալ չհաւատացին։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԸՄԷԿԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Մատթ. 28։16-20, Ղուկ. 24։36-49, Յովհ. 20։19-23, Գործ. 1։6-8)

14 Վերջը տասնըմէկին երեւցաւ, երբ սեղան նստած էին ու դատապարտեց իրենց անհաւատութիւնը եւ սրտերնուն կարծրութիւնը, վասն զի որոնց՝ որ ինք երեւցաւ մեռելներէն յարութիւն առած՝ իրենք չհաւատացին։

15 Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու աւետարանը քարոզեցէք բոլոր ստեղծուածներուն։ 16 Ան որ հաւատայ ու մկրտուի՝ պիտի փրկուի եւ ան որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։ 17 Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան. Իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին. 18 Ձեռքերնին օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահառիթ դեղ մը խմեն, իրենց պիտի չվնասէ. հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն ու անոնք պիտի առողջանան»։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՄԲԱՐՁԱՒ

(Ղուկ. 24։50-53, Գործ. 1։9-11)

19 Արդ Տէրը անոնց հետ խօսելէն ետքը երկինք համբարձաւ ու Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ։ 20 Անոնք ելան ու ամէն տեղ կը քարոզէին եւ Տէրը անոնց գործակից էր ու խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որոնք անոնց հետ կ’երթային։ Ամէն։