ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎԵԼԵԱՅ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎԵԼԵԱՅ

1 1 Տէրոջը խօսքը Փաթուէլի որդիին Յովէլին։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ԱՒԵՐՈՒՄԻՆ ՎՐԱՅ Կ’ՈՂԲԱՅ

 «Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր

Ու ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ,

Միթէ այսպիսի բան եղա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ,

Կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։

 Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէ՛ք

Ու ձեր որդիները իրենց որդիներուն

Ու անոնց որդիները յետագայ ազգին թող պատմեն։

 Ինչ որ խառնիճը թողուց՝ մարախը կերաւ,

Ինչ որ մարախը թողուց՝ ջորեակը կերաւ,

Ինչ որ ջորեակը թողուց՝ գրուիճը կերաւ։

 «Արթնցէ՛ք, ո՛վ գինովներ ու լացէ՛ք

Եւ դուք ամէնքդ, ո՛վ գինի խմողներ.

Սուգ բռնեցէ՛ք քաղցուին համար,

Քանզի ձեր բերնէն կտրուեցաւ։

 Վասն զի իմ երկրիս վրայ

Զօրաւոր ու անթիւ ազգ մը ելաւ։

Անոր ակռաները առիւծի ակռաներ են

Ու անիկա մատակ առիւծի ժանիքներ ունի։

 Անիկա իմ որթատունկս աւերեց

Եւ իմ թզենիս կոտրտեց։

Զանոնք բոլորովին կեղուեց ու վար ձգեց,

Անոնց ճիւղերը ճերմկցուեցան։

 Ողբ ըրէ՛ կոյսի մը պէս՝

Որ իր երիտասարդութեան էրկանը համար քուրձ հագած կ’ողբայ։

 Հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը Տէրոջը տունէն կտրուեցան։

Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները սուգ կը բռնեն։

10 Արտերը ամայացան, երկիրը սուգ կը բռնէ,

Քանզի ցորենը աւերուեցաւ,

Նոր գինին չորցաւ, իւղը պակսեցաւ։

11 Ամչցէ՛ք, ո՛վ երկրագործներ,

Ողբացէ՛ք, ո՛վ այգեգործներ,

Թէ՛ ցորենին համար եւ թէ՛ գարիին համար,

Քանզի արտերուն բերքը փճացաւ։

12 Որթատունկը չորցաւ ու թզենին թօշնեցաւ,

Նռնենին, արմաւենին, խնձորենին եւ

Արտին բոլոր ծառերը չորցան.

Այսպէս մարդոց որդիներէն ուրախութիւնը վերցուեցաւ։

13 Քուրձ հագէ՛ք ու ողբացէ՛ք, ո՛վ քահանաներ.

Հառաչեցէ՛ք, ո՛վ խորանին պաշտօնեաներ.

Եկէ՛ք, ո՛վ իմ Աստուծոյս ծառաները,

Գիշերը քուրձերու մէջ անցուցէ՛ք,

Քանզի հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը

Ձեր Աստուծոյն տունէն վերցուեցան։

14 Ծոմապահութեան օր որոշեցէք,

Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք.

Ծերերն ու երկրին բնակիչները

Ձեր Տէր Աստուծոյն տունը հաւաքեցէք

Ու Տէրոջը աղաղակեցէ՛ք։

15 Աւա՜ղ այն օրուան համար։

Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է,

Ու Ամենակարողէն եկած աւերումին պէս պիտի գայ։

16 Ահա մեր աչքին առջեւէն կերակուրը,

Մեր Աստուծոյն տունէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը դադրեցան։

17 Հողին չոր կոշտերուն տակ սերմերը փտտեցան,

Շտեմարանները պարապ մնացին, ամբարները քանդուեցան,

Քանզի ցորենը խորշակահար եղաւ։

18 Ի՜նչպէս կը հեծեծեն անասունները.

Արջառներուն նախիրները աստանդական կը պտըտին,

Քանզի անոնց համար արօտ չկայ։

Ոչխարներուն հօտերն ալ կորսուեցան։

19 Քեզի՛ պիտի աղաղակեմ, ո՛վ Տէր,

Քանզի կրակը կերաւ արօտները

Ու բոցը այրեց դաշտին բոլոր մասերը։

20 Դաշտին անասուններն անգամ քեզի կը նային,

Քանզի ջուրերուն վտակները ցամքեր են

Ու կրակը կերեր է արօտները։

ՄԱՐԱԽԸ՝ ՏԷՐՈՋ ՕՐՈՒԱՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

2 1 Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք,

Ահազանգ թող լսուի սուրբ լերանս վրայ։

Երկրին բոլոր բնակիչները թող դողան,

Քանզի Տէրոջը օրը կու գայ,

 Խաւարի ու մէգի օրը,

Ամպի ու մառախուղի օրը։

Ինչպէս արշալոյսը լեռներուն վրայ կը տարածուի,

Այնպէս շատուոր ու զօրաւոր ժողովուրդ մը պիտի գայ,

Որուն նմանը երբեք չէ եկած

Ու ասկէ ետքը ապագային ալ

Պիտի չգայ՝ դարէ դար։

 Անոր առջեւէն կրակը պիտի սպառէ

Ու ետեւէն բոցը պիտի այրէ.

Երկիրը անոր առջեւ Եդեմի դրախտին պէս էր,

Բայց անոր ետեւը ամայի անապատ պիտի ըլլայ։

Անկէ բան մըն ալ պիտի չազատի։

 Անոնց կերպարանքը ձիերու կերպարանքին պէս է,

Անոնք ձիաւորներու պէս պիտի արշաւեն։

 Լեռներու գլուխներուն վրայ կառքերու ձայնի պէս,

Յարդը ուտող կրակի բոցի ձայնին պէս,

Պատերազմի շարուած զօրաւոր ժողովուրդի պէս պիտի ցատկեն։

 Անոնց առջեւ ժողովուրդները պիտի տագնապին,

Բոլոր երեսները գոյներնին պիտի նետեն։

 Անոնք զօրաւորներու պէս պիտի վազեն,

Պատերազմիկներու պէս պարիսպներու վրայ պիտի ելլեն,

Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ,

Իրենց շաւիղներէն պիտի չխոտորին։

 Մէկզմէկ պիտի չհրեն,

Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ։

Եթէ սուրի վրայ ալ իյնան՝ պիտի չվիրաւորուին։

 Քաղաքին մէջ պիտի պտըտին

Ու պարսպին վրայ պիտի վազեն։

Տուներուն վրայ պիտի ելլեն,

Գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն։

10 Անոնց առջեւ երկիրը պիտի դողայ,

Երկինք պիտի սարսի,

Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին,

Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։

11 Տէրը իր զօրքերուն առջեւ իր ձայնը պիտի բարձրացնէ,

Քանզի անոր բանակը խիստ մեծ է,

Քանզի անոր հրամանը գործադրողը զօրաւոր է.

Քանզի Տէրոջը օրը խիստ մեծ ու խիստ ահեղ է,

Ո՞վ կրնայ անոր դիմանալ։

ԿՈՉ ՄԸ ԶՂՋՈՒՄԻ

12 Սակայն հիմա Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝

Ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով։

13 Ձեր սրտերը պատռեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները»։

Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք.

Քանզի անիկա ողորմած ու գթած,

Երկայնամիտ ու բազումողորմ է

Ու չարիքի համար կը զղջայ։

14 Ո՞վ գիտէ, թերեւս անիկա դառնայ ու զղջայ

Ու իր ետեւէն օրհնութիւն թողու,

Որպէս զի կարող ըլլաք ձեր Տէր Աստուծոյ

Հացի ընծայ ու ըմպելի նուէր մատուցանել։

15 Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք,

Ծոմապահութեան օր որոշեցէ՛ք,

Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք.

16 Ժողովուրդը հաւաքեցէ՛ք,

Ժողովը սրբեցէ՛ք, ծերերը հաւաքեցէ՛ք.

Տղաքներն ու կաթնկեր մանուկները հաւաքեցէ՛ք.

Փեսան իր սենեակէն թող ելլէ

Ու հարսը՝ իր առագաստէն։

17 Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները

Սրահին ու սեղանին մէջտեղ թող լան

Ու ըսեն. «Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ խնայէ՛

Եւ քու ժառանգութիւնդ մի՛ նախատեր,

Որ ազգերը անոնց վրայ տիրեն։

Ինչո՞ւ համար ժողովուրդներուն մէջ ըսեն թէ

‘Ո՞ւր է անոնց Աստուածը’»։

ՏԷՐԸ ԵՐԿՐԻՆ ԱՐԳԱՍԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ

18 Այն ատեն Տէրը իր երկրին համար նախանձախնդիր պիտի ըլլայ

Ու իր ժողովուրդին պիտի ողորմի։

19 Եւ Տէրը պատասխան պիտի տայ ու իր ժողովուրդին ըսէ.

«Ահա ես ձեզի ցորեն, գինի ու իւղ պիտի պարգեւեմ,

Որ անոնցմով կշտանաք։

Ձեզ անգամ մըն ալ ազգերուն մէջ նախատինքի առարկայ պիտի չընեմ։

20 Հիւսիսային զօրքը ձեր վրայէն պիտի հեռացնեմ.

Անոր երեսը՝ դէպի արեւելեան ծովը,

Կռնակը դէպի արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։

Զանիկա չոր ու ամայի երկիր մը պիտի քշեմ.

Անոր գէշ հոտը պիտի ելլէ,

Անոր գարշահոտութիւնը պիտի աւելնայ,

Քանզի մեծ բաներ ըրաւ։

21 Մի՛ վախնար, ո՛վ երկիր, ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր,

Քանզի Տէրը մեծ բաներ պիտի ընէ։

22 Ո՛վ դաշտի անասուններ, մի՛ վախնաք,

Քանզի անապատին արօտները պիտի կանանչանան,

Քանզի ծառը իր պտուղը պիտի տայ,

Թզենին ու որթատունկը իրենց արդիւնքը պիտի տան։

23 Եւ դո՛ւք, ո՛վ Սիօնի որդիներ,

Ձեր Տէր Աստուծմով ցնծացէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք,

Քանզի անիկա պէտք եղած չափով առաջին անձրեւը ձեզի պիտի տայ,

Ձեզի անձրեւ պիտի տեղացնէ, առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը առաջուան պէս։

24 Կալերը ցորենով պիտի լեցուին,

Հնձանները գինիով ու իւղով պիտի յորդին։

25 Կրկին ձեզի պիտի տամ այն տարիներուն պտուղները,

Որոնք մարախը, ջորեակը, գրուիճն ու խառնիճը,

Ձեր մէջ ղրկած իմ մեծ բանակս, կերան։

26 Առատօրէն պիտի ուտէք ու կշտանաք

Ու ձեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի օրհնէք,

Որ ձեզի համար հրաշքներ ըրաւ։

Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։

27 Պիտի գիտնաք թէ ես Իսրայէլի մէջ եմ,

Թէ ձեր Տէր Աստուածը ես եմ եւ ուրիշ մը չկայ։

Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԸ

28 «Ասկէ յետոյ

Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ

Ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան,

Ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։

Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն։

29 Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ

Այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ։

30 Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ,

Արիւն, կրակ եւ ծուխի սիւներ։

31 Արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի,

Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։

32 Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի.

Քանզի Տէրոջը ըսածին պէս՝

Սիօն լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ փրկութիւն պիտի ըլլայ,

Այն մնացորդներուն մէջ ալ՝ որոնք Տէրը պիտի կանչէ»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԴԱՏԷ ԱԶԳԵՐԸ

3 1 «Ահա այն օրերը ու այն ժամանակը,

Երբ ես Յուդան ու Երուսաղէմը գերութենէ պիտի դարձնեմ,

 Այն ատեն բոլոր ազգերը պիտի հաւաքեմ

Ու զանոնք Յովսափատի հովիտը պիտի իջեցնեմ։

Հոն անոնց հետ դատ պիտի վարեմ

Իմ ժողովուրդիս ու իմ ժառանգորդիս՝ Իսրայէլին համար,

Որ ազգերու մէջ ցրուեցին,

Իմ երկիրս բաժնեցին,

 Իմ ժողովուրդիս համար վիճակ ձգեցին,

Տղան պոռնիկի վարձքի տեղ տուին,

Աղջիկը գինիի համար ծախեցին, որպէս զի խմեն։

 «Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք,

Ո՛վ Տիւրոս ու Սիդոն եւ Փղշտացիներու բոլոր սահմաններ։

Միթէ դուք ինծի հատուցո՞ւմ պիտի ընէք։

Եթէ դուք ինծի հատուցում ընէք,

Շուտով ձեր հատուցումը պիտի դարձնեմ ձեր գլխուն։

 Քանզի իմ արծաթս ու իմ ոսկիս առիք,

Իմ աղէկ ու ցանկալի բաներս ձեր մեհեանները տարիք,

 Յուդայի որդիները ու Երուսաղէմի որդիները

Յոյներու որդիներուն ծախեցիք,

Որպէս զի զանոնք իրենց սահմանէն հեռացնէք։

 Ահա ես զանոնք պիտի վերադարձնեմ այն տեղէն՝ ուր դուք զանոնք ծախեցիք,

Ձեր ըրածը պիտի փոխադարձեմ։

 Ձեր տղաքներն ու աղջիկները Յուդայի որդիներուն պիտի ծախեմ

Եւ անոնք ալ հեռաբնակ ազգի մը, Սաբայեցիներուն, պիտի ծախեն զանոնք»,

Քանզի Տէրը խօսեցաւ։

 Ասիկա ազգերու մէջ հրատարակեցէ՛ք,

Պատերազմ յայտարարեցէ՛ք,

Զօրաւորները արթնցուցէ՛ք,

Բոլոր պատերազմիկները թող մօտենան ու ելլեն։

10 Ձեր խոփերը սուրեր շինեցէ՛ք

Ու ձեր յօտոցները՝ նիզակներ։

Տկար եղողը՝ ‘Ես զօրաւոր եմ’, թող ըսէ։

11 Շուտով եկէ՛ք, ո՛վ բոլոր շրջակայ ազգեր ու հաւաքուեցէ՛ք։

Քու մարտիկներդ, ո՛վ Տէր, հոն իջեցուր։

12 Ազգերը թող աճապարեն ու Յովսափատի հովիտը գան,

Քանզի բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար հոն պիտի նստիմ։

13 Մանգաղը երկնցուցէ՛ք, քանզի հունձքը հասած է։

Եկէ՛ք, իջէ՛ք, քանզի հնձանը լեցուեցաւ,

Աւազանները կը յորդին.

Քանզի անոնց չարութիւնը մեծ է։

14 Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ։

Տէրոջը օրը մօտ է Վճիռի հովիտին մէջ։

15 Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին,

Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։

16 Տէրը Սիօնէն պիտի գոչէ

Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի բարձրացնէ,

Երկինք ու երկիր պիտի սարսին,

Բայց Տէրը իր ժողովուրդին՝ ապաւէն

Ու Իսրայէլի որդիներուն ամրութիւն պիտի ըլլայ

17 Եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ ձեր Տէր Աստուածը,

Որ իմ սուրբ լերանս վրայ՝ Սիօնի մէջ՝ կը բնակիմ։

Երուսաղէմ սուրբ պիտի ըլլայ,

Անգամ մըն ալ օտարներ պիտի չանցնին անկէ։

18 Այն օրերը լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն,

Բլուրները կաթ պիտի վազցնեն,

Յուդայի բոլոր ձորերը ջուրեր պիտի հոսեցնեն.

Տէրոջը տունէն աղբիւր պիտի բղխի

Եւ Սատիմի ձորը պիտի ոռոգէ։

19 Յուդայի որդիներուն եղած անիրաւութեանը համար

Եգիպտոս պիտի ամայանայ,

Եդովմ ամայի անապատ պիտի ըլլայ,

Քանզի անոնց երկրին մէջ անմեղ արիւն թափուեցաւ։

20 Բայց Յուդա յաւիտեան մարդաբնակ պիտի ըլլայ

Եւ Երուսաղէմ՝ դարէ դար։

21 Անոնց արեան վրէժը պիտի առնեմ եւ չարութիւնը պիտի չմաքրեմ

Եւ Տէրը Սիօնի մէջ պիտի բնակի»։