ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ

ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ

1 1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը Աստուծոյ կամքով եւ Տիմոթէոս եղբայրը, Կողոսայի մէջ եղող Քրիստոսով սուրբ ու հաւատացեալ եղբայրներուն. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք ընելով՝ կը գոհանանք Աստուծմէ ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրմէն։ Լսելով ձեր հաւատքը որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ եւ այն սէրը, որ բոլոր սուրբերուն վրայ ունիք. Այն յոյսին համար, որ երկինքը կը պահուի ձեզի, որուն վրայով նախապէս լսեցիք աւետարանին ճշմարտութեան խօսքովը, Որ ձեզի հասաւ՝ ինչպէս բոլոր աշխարհ ու պտղաբեր ըլլալով կ’աճի, ինչպէս ձեր մէջ ալ, այն օրուընէ, որ դուք լսեցիք ու ճանչցաք Աստուծոյ շնորհքը ճշմարտութիւնով. Ինչպէս սորվեցաք մեր սիրելի ծառայակիցէն՝ Եպափրասէն, որ ձեզի համար հաւատարիմ պաշտօնեայ մըն է Քրիստոսին Որ ինք ալ մեզի պատմեց ձեր սէրը Հոգիով։

Անոր համար մենք ալ, այն օրէն երբ լսեցինք, չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ 10 Որպէս զի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք, բարի գործերով պտղաբերիք ու աճիք՝ Աստուծոյ գիտութիւնովը. 11 Իր փառաւոր զօրութեանը համեմատ բոլոր ուժով զօրացած՝ համբերութեան ու երկայնմտութեան համար ուրախացած։ 12 Գոհանալով Հօր Աստուծմէ, որ մեզ լոյսի մէջ բնակող սուրբերուն վիճակին մասնակից ըլլալու արժանացուց։ 13 Որ մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց։ 14 Որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն, 15 Որ աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը։

ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԱՆՁԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

16 Վասն զի անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար, թէ՛ աթոռները, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները. բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան։ 17 Անիկա ամէն բանէ առաջ էր եւ ամէն բան անով հաստատ կը կենայ. 18 Եւ անիկա է մարմնին, այսինքն եկեղեցիին գլուխը. որ սկիզբն է, մեռելներէն անդրանիկը, որպէս զի ինք ըլլայ ամէն բանի մէջ նախապատիւ. 19 Վասն զի հայրը հաճեցաւ որ Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը անոր մէջ բնակի 20 Եւ անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները։

21 Եւ ձեզ ալ՝ որ ատեն մը օտարացած էիք ու չար գործերով թշնամիներ՝ ձեր խորհուրդներովը, 22 Հիմա հաշտեցուց բուն իր մարմնովը՝ մահուամբ, որպէս զի ձեզ անոր առջեւ սուրբ ու անբիծ եւ անարատ կայնեցնէ. 23 Եթէ կենաք հաւատքին մէջ հիմնուած ու հաստատ եւ առանց խախտելու աւետարանին յոյսէն որ լսեցիք, որ երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ, որուն ես՝ Պօղոսս՝ սպասաւոր եղայ։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ

24 Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս համար ու Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասութիւնը իմ մարմնիս մէջ կը լեցնեմ անոր մարմնին համար, որ եկեղեցին է. 25 Որուն ես սպասաւոր եղայ Աստուծոյ տնտեսութիւնովը՝ որ ինծի տրուեցաւ ձեզի համար՝ Աստուծոյ խօսքը լման քարոզելու, 26 Այն խորհուրդը՝ որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու ազգերէն, հիմա իր սուրբերուն յայտնուեցաւ. 27 Որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել իր խորհուրդին փառաւոր ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, որ է Քրիստոս ձեր մէջ՝ փառաց յոյսը. 28 Որ մենք կը քարոզենք ու ամէն մարդու կը յորդորենք եւ կը սորվեցնենք բոլոր իմաստութիւնով, որպէս զի ամէն մարդ կատարեալ ընենք Քրիստոս Յիսուսով. 29 Որուն համար ես ալ կ’աշխատիմ, ջանք ընելով իր ներգործութեանը համեմատ, որ զօրութիւնով իմ մէջս կը գործէ։

2 1 Քանզի կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս մեծ անձկութիւն ունիմ ձեզի ու Լաւոդիկեցիներուն համար ու ամէն անոնց՝ որոնք իմ երեսս մարմնով չեն տեսներ. Որպէս զի անոնց սրտերը մխիթարուին՝ սիրով միացած ու կատարեալ իմաստութեան բոլոր ճոխութեանը հասնին, այսինքն Հօր Աստուծոյ եւ Քրիստոսին խորհուրդին գիտութեանը. Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են։ Ասիկա կ’ըսեմ, որ չըլլայ թէ մէկը սուտ խօսքերով ձեզ մոլորեցնէ։ Որ թէպէտ մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ձեզի հետ եմ եւ կ’ուրախանամ երբ ձեր բարի վարքը տեսնեմ ու ձեր հաւատքին հաստատութիւնը՝ Քրիստոսին վրայ։

ԿԵԱՆՔԻ ԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ

Ուստի ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք, Արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք եւ անոր մէջ աճեցէ՛ք գոհութիւնով։ Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս։ Վասն զի մարմնապէս անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը։ 10 Եւ դուք ալ անով լեցուած էք, որ գլուխն է բոլոր իշխանութեան ու պետութեան։ 11 Որով դուք անձեռագործ թլփատութիւնով թլփատուեցաք մեղքերու մարմնէն մերկանալով Քրիստոսին թլփատութիւնովը։ 12 Թաղուելով անոր հետ մկրտութիւնով, որով նաեւ անոր հետ յարութիւն առիք Աստուծոյ զօրութեանը հաւատալով, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց։ 13 Եւ ձեզ, որ ատեն մը յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմնին անթլփատութեանը մէջ մեռած էիք, կենդանացուց անոր հետ. մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի։ 14 Ու հրամաններով հաստատուած պարտամուրհակը, որ մեզի հակառակ էր, ջնջեց, մէջտեղէն վերցուց ու խաչափայտին վրայ գամեց. 15 Եւ իշխանութիւններն ու պետութիւնները մերկացուց ու յայտնապէս խայտառակեց՝ յաղթելով անոնց անով։

16 Ուստի ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու խնդրով, 17 Որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է։ 18 Չըլլայ թէ ոեւէ մէկը ձեզ խաբէ եւ ուզէ խոնարհութիւնով ու հրեշտակներու պաշտամունքով չտեսած բաներուն միջամուխ ըլլալ, իր մարմնաւոր մտքովը փուճ տեղ հպարտանալով 19 Եւ չբռնէ Գլուխը՝ ուրկէ բոլոր մարմինը յօդուածներով ու խաղերով հաղորդուած ու մէկտեղ կցուած՝ Աստուծոյ աճումովը կ’աճի։

ՄԵՌՆԻԼ ԵՒ ԱՊՐԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՀԵՏ

20 Եթէ դուք Քրիստոսին հետ այս աշխարհին սկզբունքներէն մեռաք, ալ ինչո՞ւ համար աշխարհի մէջ կենդանի եղողներու պէս այսպիսի կանոններու կը հնազանդիք, ըսելով. 21 «Մի՛ մօտենար, համը մի՛ առներ, մի՛ դպչիր», 22 Որոնք ապականուած են գործածութեամբ, մարդոց պատուիրանքներուն ու սորվեցուցածներուն համեմատ, 23 Որոնք իմաստութեան կերպարանք ունին ինքնակամ կրօնքով ու խոնարհութիւնով եւ մարմնին չխնայելով, բայց ոչ թէ պատիւի արժանի են, հապա մարմինը յագեցնելու կը ծառայեն։

3 1 Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը։ Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն։ Վասն զի դուք մեռաք ու ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ։ Երբ Քրիստոս՝ մեր կեանքը՝ յայտնուի, այն ատեն դուք ալ անոր հետ փառքով պիտի յայտնուիք։

ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ

Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է. Որոնց համար Աստուծոյ բարկութիւնը անհնազանդութեան որդիներուն վրայ կու գայ. Որոնց մէջ ատեն մը դո՛ւք ալ կը քալէիք, երբ անոնց մէջ կ’ապրէիք։ Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։ Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք 10 Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս 11 Ուր Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, Բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ. հապա Քրիստոս է ամէնը՝ ամէն բանի մէջ։ 12 Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, 13 Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ 14 Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։ 15 Ու Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ, որուն դուք կանչուեցաք մէկ մարմնով ու գոհացէք։ 16 Քրիստոսին խօսքը ձեր մէջ բնակի առատապէս ամէն իմաստութիւնով՝ իրարու սորվեցնելու ու խրատելու՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու։ 17 Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք, Աստուծոյ ու Հօրը գոհութիւն մատուցանելով անոր ձեռքով։

ՆՈՐ ԿԵԱՆՔՈՎ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

18 Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։ 19 Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։ 20 Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի։ 21 Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին։ 22 Ծա՛ռաներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր մարմնաւոր տէրերուն, ոչ թէ աչքի առջեւ ծառայելով մարդահաճոներու պէս, հապա սրտի միամտութեամբ՝ Տէրոջմէ վախնալով. 23 Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց, 24 Գիտնալով որ ժառանգութեան հատուցումը Տէրոջմէն պիտի առնէք. վասն զի Տէր Քրիստոսին կը ծառայէք. 25 Բայց անօրէնը իր անօրէնութեան պատիժը պիտի ընդունի եւ աչառութիւն չկայ։

4 1 Տէ՛րեր, ձեր ծառաներուն հետ իրաւունքով ու արդարութեամբ վարուեցէք, գիտնալով թէ դուք ալ Տէր ունիք երկինքը։

ՅՈՐԴՈՐԱՆՔՆԵՐ

Շարունակ աղօթքի ետեւէ եղէք, անոր մէջ արթուն մնալով գոհութեամբ։ Աղօթք ըրէք նաեւ մեզի համար, որպէս զի Աստուած խօսքին դուռը բանայ մեզի Քրիստոսին խորհուրդը յայտնելու, որուն համար կապուած ալ եմ, Որպէս զի յայտնեմ զանիկա, ինչպէս ինծի կը վայլէ խօսիլ։ Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ ժամանակը ծախու առնելով։ Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ։

ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ

Իսկ իմ վրայովս բոլորը պիտի իմացնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրը եւ հաւատարիմ պաշտօնեան ու ծառայակիցը Տէրոջմով. Որ այդ բանին համար ձեզի ղրկեցի, որպէս զի գիտնայ ձեր վրայով ու ձեր սրտերը մխիթարէ, Ոնեսիմոս հաւատարիմ ու սիրելի եղբօր հետ մէկտեղ, որ ձեզմէ մէկն է. իրենք ամէն բան ձեզի պիտի իմացնեն՝ ինչ որ հոս կայ։ 10 Բարեւ կ’ընէ ձեզի Արիստարքոսը, իմ գերութեան ընկերս եւ Մարկոս՝ Բառնաբասի եղբօրորդին, (որուն համար պատուէր առիք. եթէ ձեզի գալու ըլլայ, ընդունեցէ՛ք զանիկա,) 11 Եւ Յիսուս՝ որ Յուստոս կ’անուանուի, որոնք թլփատութենէն են. ասոնք միայն՝ ինծի գործակից եղան Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ եւ ինծի մխիթարութիւն։ 12 Բարեւ կ’ընէ ձեզի Եպափրաս, Քրիստոսին ծառան, որ ձեզմէ մէկն է, ամէն ատեն աղօթքի մէջ ձեզի համար ջանալով, որպէս զի դուք կատարեալ ու լման կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ։ 13 Քանզի անոր համար ես կը վկայեմ, թէ շատ նախանձախնդրութիւն ունի ձեզի համար ու Լաւոդիկէի եւ Յերապոլիսի մէջ եղողներուն համար։ 14 Բարեւ կ’ընեն ձեզի սիրելի Ղուկաս բժիշկը ու Դեմաս։ 15 Բարեւ ըրէք եղբայրներուն, որոնք Լաւոդիկիա են եւ Նիմփասի ու անոր տանը մէջի եկեղեցիին։ 16 Երբ այս թուղթը ձեր մէջ կարդացուի, Լաւոդիկեցիներու եկեղեցիին մէջ ալ կարդալ տուէք եւ դուք ալ Լաւոդիկիայէ եկած թուղթը կարդացէք։ 17 Ու ըսէք Արքիպպոսի. «Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ, որ Տէրոջմով առիր, որպէս զի զանիկա կատարես»։ 18 Այս բարեւը իմ ձեռքիս՝ Պօղոսինն է. իմ կապերս մտքերնիդ թող ըլլան։ Շնորհքը ձեզի հետ։ Ամէն։