ԵՐՐՈՐԴ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

ԵՐՐՈՐԴ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

1 Երէցէն Գայիոս սիրելիին, որ ես կը սիրեմ ճշմարտութեամբ։ Սիրելիս, աղօթք կ’ընեմ որ ամէն կողմէ յաջողիս ու առողջ ըլլաս, ինչպէս քու հոգիդ ալ յաջողութեան մէջ է։ Վասն զի շատ ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան ու քու ճշմարտութեանդ մասին վկայեցին, թէ դուն ճշմարտութեամբ կը քալես։ Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն։

ԳԱՅԻՈՍ ԿԸ ԳՈՎՈՒԻ

Սիրե՛լիս դուն հաւատարմաբար կ’ընես, ինչ որ կ’ընես եղբայրներուն եւ օտարներուն, Որոնք եկեղեցիին առջեւ վկայեցին քու սիրոյդ վրայով։ Եթէ աստուածահաճոյ կերպով զանոնք ճամբայ դնես, աղէկ կ’ընես։ Վասն զի Աստուծոյ անուանը համար ճամբայ ելան ու հեթանոսներէն բան մը չեն առներ։ Ուստի մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք։

ԴԻՈՏՐԵՓԷՍ ԵՒ ԴԵՄԵՏՐԻՈՍ

Եկեղեցիին գրեցի. բայց Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չ’ընդունիր։ 10 Ասոր համար եթէ գամ, անոր ըրած գործերը պիտի յիշեմ, որ մեզի դէմ շաղակրատելով չարախօսութիւն կ’ընէ։ Ասով ալ գոհ չըլլալէ զատ ո՛չ միայն ինք չ’ընդունիր եղբայրները, այլ անոնք որ կ’ուզեն ընդունիլ՝ կ’արգիլէ ու եկեղեցիէն ալ կը հանէ։ 11 Սի՛րելիս, չարին նմանող մի՛ ըլլար, հապա՝ բարիին։ Ան որ բարիք կը գործէ, Աստուծմէ է. բայց ան որ չարիք կը գործէ, անիկա Աստուած տեսած չէ։ 12 Դեմետրիոսին համար ամէնքն ալ լաւ կը վկայեն, բուն իսկ ճշմարտութիւնն ալ։ Մենք ալ կը վկայենք եւ դուք գիտէք թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է։

ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ

13 Շատ բան ունէի գրելու, բայց չեմ ուզեր մելանով ու գրչով քեզի գրել։ 14 Սակայն մօտերս քեզ տեսնելու յոյսը ունիմ ու դէմ առ դէմ խօսելու։ Խաղաղութիւն քեզի. բարեկամները քեզի բարեւ կ’ընեն. բարեւ ըրէ մեր բարեկամներուն՝ ամէն մէկուն անունովը։