ԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ

ԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ

1 1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ Աստուծոյ կամքովը կենաց խոստումին պէս՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է, Տիմոթէոսին՝ իմ սիրելի որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԻՒՆ

Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ իմ նախնիքներուս նման մաքուր խղճմտանքով, միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ. Ցանկալով քեզ տեսնել ու միտք բերելով քու արցունքներդ, որպէս զի ուրախութիւնով լեցուիմ, Կը յիշեմ քու ունեցած անկեղծ հաւատքդ, որ առաջ մեծ մայրդ Լաւոդիա եւ քու մայրդ Եւնիկէ ունէին եւ համոզուած եմ որ դուն դեռ ունիս։ Անոր համար քու միտքդ կը ձգեմ որ արծարծես Աստուծոյ պարգեւը, որ քեզի տրուեցաւ երբ իմ ձեռքերս քու վրադ դրի։ Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։ Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ. Որ մեզ փրկեց ու սուրբ կոչումով կանչեց, ո՛չ թէ մեր գործերուն նայելով, հապա իր նախասահմանութեանը եւ շնորհքին նայելով, որ Քրիստոս Յիսուսով մեզի տրուեցաւ յաւիտենական ժամանակներէն առաջ. 10 Բայց հիմա յայտնուեցաւ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին երեւնալովը. որ մահը խափանեց եւ լուսաւորեց կեանքը ու անմահութիւնը աւետարանին միջոցաւ։ 11 Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ կարգուեցայ ու հեթանոսներուն՝ վարդապետ։ 12 Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասն զի գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը։ 13 Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինձմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։

14 Այն բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է։ 15 Գիտես թէ ինձմէ երես դարձուցին անոնք, որոնք Ասիա էին, որոնցմէ են Փիգեղոսն ու Հերմոգինէսը։ 16 Տէրը ողորմութիւն տայ Ոնեսիփորոսին տանը, վասն զի շատ անգամ զիս հանգստացուց ու իմ շղթաս ամօթ չսեպեց 17 Ու երբ Հռովմ եկաւ, շատ ջանքով փնտռեց զիս ու գտաւ։ 18 Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տէրոջմէն ողորմութիւն գտնէ. եւ Եփեսոսի մէջ ալ որչափ սպասաւորութիւն ըրաւ ինծի, դուն շատ աղէկ գիտես։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԶԻՆՈՒՈՐԸ

2 1 Արդ՝ որդեա՛կս, զօրացի՛ր այն շնորհքովը որ Յիսուս Քրիստոսով է։ Եւ այն բաները որոնք ինձմէ լսեցիր շատ վկաներով՝ հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել։ Արդ՝ դուն նեղութիւններու համբերէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս։ Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ։ Եւ մրցորդ մը պսակ չի ստանար, եթէ օրէնքին համաձայն չմրցի։ Աշխատող երկրագործը պէտք է առաջ ինք պտուղները վայելէ։ Իմացի՛ր ինչ որ կ’ըսեմ։ Տէրը քեզի իմաստութիւն տայ ամէն բանի մէջ։ Մի՛տքդ բեր Դաւիթին ցեղէն եղող Յիսուս Քրիստոսը՝ մեռելներէն յարութիւն առած, իմ քարոզած աւետարանիս համաձայն. Որուն մէջ չարագործի մը պէս կը չարչարուիմ մինչեւ անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ։ 10 Ուստի ամէն բանի կը համբերեմ ընտրեալներուն համար, որպէս զի անոնք ալ հասնին այն փրկութեանը, որ Քրիստոս Յիսուսով է յաւիտենական փառքով։ 11 Այս խօսքը հաւատարիմ է. վասն զի եթէ անոր հետ մեռանք, անոր հետ պիտի ապրինք ալ. 12 Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ. եթէ զինք ուրանանք, ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ. 13 Եթէ չհաւատանք, ինք հաւատարիմ կը մնայ, իր անձը չի կրնար ուրանալ։

ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԱԾ ԳՈՐԾԱՒՈՐ ՄԸ

14 Այս բաները անոնց միտքը ձգէ՝ Տէրոջը առջեւ վկայելով, խօսքերու վրայ վէճ չընել՝ որ բանի մը օգտակար չէ, հապա միայն կը կործանէ լսողները։ 15 Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով։ 16 Բայց պիղծ ու փուճ խօսքերէն մէկդի՛ կեցիր, քանզի անոնք աւելի յառաջ կ’երթան ամբարշտութեան մէջ 17 Եւ անոնց խօսքը քաղցկեղի պէս կը ճարակէ. որոնց կարգն են Հիմենոսն ու Փիղետոսը, 18 Որոնք ճշմարտութենէն մոլորեցան ու կ’ըսեն թէ մեռելներուն յարութիւնը արդէն եղած է եւ կը կործանեն ոմանց հաւատքը։ 19 Բայց Աստուծոյ հիմը հաստատուն կը կենայ ու այս կնիքը ունի, թէ՝ «Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» եւ «Անիրաւութենէ մէկդի թող կենան անոնք, որ Քրիստոսին կը պատկանին»։ 20 Մեծ տան մը մէջ ոչ միայն ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ կան, հապա փայտէ ու հողէ ամաններ ալ կան։ Ոմանք պատիւի համար են ու ոմանք՝ անարգանքի համար։ 21 Ուստի եթէ մէկը իր անձը անարգ բաներէ մաքրէ, անիկա պատուական անօթ մը պիտի ըլլայ, սրբուած ու իր Տէրոջը պիտանի, ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած։ 22 Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով։ 23 Բայց յիմարական ու անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին։ 24 Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող. 25 Քաղցրութեամբ խրատէ հակառակ կեցողները, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար 26 Եւ Սատանային որոգայթէն զգաստանան, որմէ բռնուած են անոր կամքին ծառայելու։

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ

3 1 Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. Վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, Անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, Մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. Որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր։ Վասն զի ասոնցմէ ոմանք տուներէն ներս կը մտնեն ու գերի կ’ընեն մեղքով բեռնաւորուած տկարամիտ կիները՝ զանազան ցանկութիւններէ վարուած, Որ միշտ կը սորվին, բայց բնաւ չեն կրնար ճշմարտութիւնը ճանչնալ։ Հապա ինչպէս Յանէսն ու Յամրէսը հակառակ կեցան Մովսէսին, նոյնպէս ասոնք ալ ճշմարտութեանը հակառակ կը կենան. մտքով ապականած մարդիկ, որոնք հաւատքի մէջ անպիտաններ են։ Բայց աւելի յառաջ պիտի չերթան, վասն զի ասոնց անմտութիւնը ամենուն յայտնի պիտի ըլլայ, ինչպէս երկուքինը եղաւ։

ՎԵՐՋԻՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

10 Իսկ դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս, 11 Հալածանքներուս, չարչարանքներուս, որոնք ինծի պատահեցան Անտիոքի եւ Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ, գիտես թէ ի՛նչպէս հալածանքներու համբերեցի։ Եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն։ 12 Եւ ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն։ 13 Բայց չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով։ 14 Սակայն դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. 15 Նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը։ 16 Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, 17 Որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած։

4 1 Կը վկայեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին, որ պիտի դատէ կենդանիները ու մեռեալները իր յայտնուելուն ու թագաւորութեանը ատենը։ Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛ ատենին ու ատենէ դուրս, յանդիմանէ՛, սաստէ՛, յորդորէ՛ ամենայն երկայնմտութեամբ ու վարդապետութեամբ։ Վասն զի ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց Եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն ու առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին։ Բայց դուն ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր, նեղութիւններու համբերէ՛, աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ կատարէ՛։ Վասն զի ես արդէն զոհ ըլլալու նուիրուած եմ ու իմ մեկնելուս ատենը հասեր է։ Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը։ Ո՛չ միայն ինծի, հապա այն ամենուն ալ՝ որ սիրեցին անոր յայտնուիլը։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐ

Ջանա՛ շուտով ինծի գալ. 10 Վասն զի Դեմասը զիս թողուց ու աշխարհը սիրեց եւ գնաց Թեսաղոնիկէ. Կրէսկէսը գնաց Գաղատիա, Տիտոսը՝ Դաղմատիա. 11 Միայն Ղուկասը ինծի հետ է. Մարկոսը ա՛ռ եւ քեզի հետ բե՛ր, վասն զի ինծի օգտակար է սպասաւորութեան համար։ 12 Ես Տիւքիկոսը Եփեսոս ղրկեցի։ 13 Այն վերարկուն՝ որ Տրովադա թողուցի Կարպոսին քով, երբ գաս՝ բե՛ր, գրքերն ալ՝ մանաւանդ մագաղաթները։ 14 Դարբին Աղեքսանդրոսը շատ չարութիւն ըրաւ ինծի. Տէրը անոր հատուցանէ իր գործերուն համեմատ։ 15 Դուն ալ անկէ զգուշացի՛ր, վասն զի մեր խօսքերուն շատ դէմ կեցաւ։ 16 Առաջին անգամ ատեանին առջեւ պատասխան տալուս՝ իմ կողմս մէ՛կը չկայնեցաւ, հապա ամէնքն ալ զիս թողուցին. այս իրենց թող յանցանք չսեպուի։ 17 Բայց Տէրը իմ քովս կայնեցաւ ու զիս զօրացուց, որպէս զի քարոզութիւնը իմ միջոցովս լման ըլլայ ու բոլոր հեթանոսները լսեն։ Ես առիւծին բերնէն ազատեցայ։ 18 Տէրը ամէն չար գործէ պիտի ազատէ զիս եւ ապահովութեամբ իր երկնային թագաւորութեանը պիտի հասցնէ։ Իրեն փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ

19 Բարեւ տուր Պրիսկէին եւ Ակիւղասին ու Ոնեսիփորոսին տանը։ 20 Երաստոս Կորնթոսի մէջ մնաց եւ Տրոփիմոսը Մելիտոսի մէջ թողուցի հիւանդացած։ 21 Ջանք ըրէ ձմեռէն առաջ գալ։ Բարեւ կ’ընեն քեզի Եւբուղոսն ու Պուդէսը եւ Լինոսն ու Կղօդիան եւ բոլոր եղբայրները։ 22 Տէր Յիսուս Քրիստոս քու հոգիիդ հետ ըլլայ։ Շնորհքը ձեզի հետ։ Ամէն։