ԳԻՐՔ ԺՈՂՈՎՈՂԻ

ԳԻՐՔ ԺՈՂՈՎՈՂԻ

ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է

1 1 Երուսաղէմի թագաւոր Դաւիթի որդիին Ժողովողին խօսքերը.

 Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը,

Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։

 Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ

Արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն։

 Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ,

Բայց երկիրը միշտ կը կենայ։

 Նաեւ արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէ

Եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ։

 Հովը դէպի հարաւ կ’երթայ

Ու դէպի հիւսիս կը պտըտի։

Հովը ասդին անդին պտըտելով

Կ’երթայ, իր շրջաններուն համեմատ կը դառնայ։

 Բոլոր գետերը ծով կ’երթան,

Բայց ծովը չի լեցուիր։

Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային,

Նորէն հո՛ն կ’երթան։

 Բոլոր խօսքերը կը հատնին։

Մարդս խօսելու կարող չէ։

Աչքը տեսնելով չի կշտանար

Ու ականջը լսելով չի լեցուիր։

 Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ

Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։

Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։

10 Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը,

Որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է».

Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ

Անիկա արդէն եղած էր։

11 Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայ

Ու ետքը ըլլալիք բաներուն ալ,

Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

12 Ես՝ Ժողովողս՝ Երուսաղէմի մէջ

Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղայ։

13 Իմ սիրտս երկնքի տակ բոլոր եղածները

Իմաստութեամբ փնտռելու ու քննելու տուի։

Աստուած այս չար զբաղումը մարդոց որդիներուն տուաւ,

Որպէս զի անով զբաղին։

14 Արեւուն տակ բոլոր գործուած գործերը տեսայ

Եւ ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։

15 Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ

Ու այն որ պակաս է, չի կրնար համրուիլ։

16 Ես իմ սրտիս մէջ խօսեցայ ու ըսի.

«Ահա ես մեծցայ ու իմաստութիւն ստացայ

Երուսաղէմի մէջ ինձմէ առաջ եղողներէն ամենէն աւելի

Եւ իմ սիրտս շատ իմաստութիւն ու գիտութիւն տեսաւ»։

17 Իմ սիրտս իմաստութիւնը ճանչնալու,

Խենթութիւնը եւ յիմարութիւնը գիտնալու տուի։

Հասկցայ թէ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։

18 Վասն զի շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայ

Ու իր գիտութիւնը աւելցնողը իր վիշտը կ’աւելցնէ։

2 1 Ես իմ սրտիս մէջ ըսի. «Եկուր հիմա ուրախութեան միջոցով քեզ փորձեմ»,

Ուստի բարիքներ վայելէ։

Ահա ասիկա ալ ունայնութիւն է։

 Ծիծաղին համար ըսի. «Յիմար է»

Եւ ուրախութեանը համար՝ «Ասոր ըրածը ի՞նչ է»։

 Սրտիս մէջ խորհեցայ, որ մարմինս գինիով զուարթացնեմ,

Իմաստութեան առաջնորդութիւնովը ճանչնամ անմտութիւնը,

Որպէս զի տեսնեմ թէ ի՞նչ բան բարի է մարդոց որդիներուն,

Որ կրնան ընել երկնքի տակ

Իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ։

 Մեծ գործեր ըրի։

Ինծի տուներ շինեցի ու ինծի այգիներ տնկեցի։

 Ինծի պարտէզներ եւ մրգաստաններ շինեցի

Ու անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի։

 Ինծի ջուրի աւազաններ շինեցի,

Որպէս զի անոնցմով մայրիներու անտառը ոռոգուի։

 Ծառաներ ու աղախիններ ստացայ

Եւ իմ տանս մէջ ծնած ծառաներ ունեցայ։

Շատ արջառներ եւ հօտեր ունեցայ,

Ինձմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն ամենէն աւելի։

 Նաեւ արծաթ ու ոսկի

Եւ թագաւորներու ու գաւառներու գանձեր դիզեցի։

Ինծի երգիչներ եւ երգչուհիներ ճարեցի

Եւ մարդը զուարճացնող շատ հարճեր։

 Ինձմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն

Ամենէն մեծը եղայ ու բարգաւաճեցայ։

10 Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցի

Ու իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի։

Իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններովս ուրախացաւ։

Իմ բոլոր աշխատութիւններուս վարձքը ասիկա էր։

11 Ու ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն

Ու այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայ

Եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին

Ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար։

12 Ես դարձայ իմաստութիւնը տեսնելու,

Նաեւ յիմարութիւնն ու անմտութիւնը,

Վասն զի թագաւորին ետեւէն եկող մարդը ի՞նչ կրնայ ընել։

Ինչ որ արդէն ըրած են։

13 Ուստի տեսայ թէ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է,

Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է։

14 Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են,

Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ.

Բայց ես հասկցայ թէ

Անոնց ամենուն պատահած դէպքը մէկ է։

15 Այն ատեն իմ սրտիս մէջ ըսի

«Որովհետեւ անմիտին պատահածը ինծի ալ պիտի պատահի,

Ուրեմն ես ինչո՞ւ համար աւելի իմաստուն եղայ».

Այս պատճառով իմ սրտիս մէջ ըսի թէ այս ալ ունայնութիւն է։

16 Վասն զի ինչպէս անմիտին՝ նմանապէս իմաստունին

Մնայուն յիշատակը չկայ։

Վասն զի հիմա եղած բոլոր բաները

Ապագային պիտի մոռցուին։

Իմաստունը ի՞նչպէս կը մեռնի։

Անմիտին պէս։

17 Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ,

Վասն զի արեւուն տակ եղած գործերը ինծի գէշ երեւցան,

Քանզի ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։

18 Ես արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատութենէս զզուեցայ,

Քանզի ինձմէ ետքը գալու մարդուն պիտի թողում զանիկա։

19 Ո՛վ գիտէ թէ անիկա իմաստո՞ւն պիտի ըլլայ թէ անմիտ։

Բայց պիտի տիրէ իմ բոլոր աշխատութիւններուս վրայ,

Որոնք արեւուն տակ կատարեցի,

Որոնց մէջ իմաստութիւն ցուցուցի։

Ասիկա ալ ունայնութիւն է։

20 Ես դարձայ, որպէս զի արեւուն տակ կատարած բոլոր աշխատանքիս վրայով

Իմ սրտէս յոյսս կտրեմ։

21 Վասն զի մարդ կայ, որուն աշխատութիւնը

Իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ յաջողութեամբ կ’ըլլայ,

Բայց անկէ չաշխատող մարդուն իբրեւ բաժին կու տայ։

Ասիկա ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք է։

22 Վասն զի մարդ արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքէն

Ու սրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։

23 Քանզի անոր բոլոր օրերը՝ վիշտերով

Ու գործը տրտմութեամբ լեցուն են։

Անոր սիրտը գիշերն անգամ հանգստութիւն չի գտներ։

Ասիկա ալ ունայնութիւն է։

24 Մարդս ուտելէն ու խմելէն

Եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։

Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։

25 Վասն զի ինձմէ զատ ո՞վ կրնայ ուտել

Եւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ։

26 Քանզի Աստուած իր առջեւ հաճելի եղող մարդուն

Իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ,

Բայց մեղաւորին զբաղում կու տայ,

Որպէս զի անիկա ստացուածք հաւաքէ ու դիզէ,

Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։

Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԸ

3 1 Ամէն բանի ատենը կայ

Ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը։

 Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ,

Տնկելու ժամանակ ու տնկուածը խլելու ժամանակ,

 Մեռցնելու ժամանակ եւ բժշկելու ժամանակ,

Փլցնելու ժամանակ ու շինելու ժամանակ,

 Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ,

Սուգ ընելու ժամանակ ու կաքաւելու ժամանակ,

 Քարեր դուրս նետելու ժամանակ ու քարեր հաւաքելու ժամանակ,

Գրկելու ժամանակ ու գրկէ հեռացնելու ժամանակ,

 Փնտռելու ժամանակ եւ կորսնցնելու ժամանակ,

 Պատռելու ժամանակ եւ կարելու ժամանակ,

Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ,

 Սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ,

Պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ։

 Աշխատողին՝ իր կատարած աշխատանքէն

Ի՞նչ օգուտ կայ։

10 Տեսայ այն զբաղումը, որ Աստուած մարդոց որդիներուն տուաւ,

Որպէս զի անով զբաղին։

11 Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ

Եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ.

Բայց Աստուծոյ ըրած գործը

Մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ։

12 Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ

Ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ,

Ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։

13 Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը

Եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը

Աստուծոյ պարգեւն է։

14 Գիտեմ թէ Աստուծոյ ամէն ըրածը յաւիտեան պիտի մնայ.

Անոր վրայ բան մը աւելցնել կամ անկէ պակսեցնել կարելի չէ։

Աստուած անիկա ըրաւ, որպէս զի իր երեսէն վախնան։

15 Ինչ որ եղած է, հիմա ալ կայ

Ու ինչ որ պիտի ըլլայ՝ արդէն եղած է։

Աստուած անցածը կը փնտռէ։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

16 Ու նաեւ արեւուն տակ տեսայ, թէ բարեպաշտութեան տեղ՝ ամբարշտութիւն

Եւ արդարութեան տեղ անօրէնութիւն կայ։

17 Ես իմ սրտիս մէջ ըսի թէ՝ Աստուած պիտի դատէ արդարն ու ամբարիշտը,

Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն ու ամէն գործ իր ժամանակը ունի։

18 Ես իմ սրտիս մէջ ըսի՝

Մարդոց որդիներուն վիճակին վրայով՝

Թէ Աստուած զանոնք պիտի փորձէ

Ու պիտի տեսնեն թէ իրենք անասուններ են։

19 Վասն զի մարդոց որդիներուն պատահածը

Եւ անասուններուն պատահածը նոյնն են։

Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի։

Ամենուն շունչը նոյնն է։

Մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի,

Վասն զի ամէն բան ունայնութիւն է։

20 Ամէնքը նոյն տեղը կ’երթան։

Ամէն բան հողէն եղաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ։

21 Ո՞վ գիտէ թէ մարդոց որդիներուն հոգիները վեր կ’ելլեն,

Բայց անասուններուն ոգիները գետինը կ’իջնեն։

22 Տեսայ թէ մարդս իր գործերովը ուրախ ըլլալէ զատ

Ուրիշ աղէկութիւն մը չունի,

Քանզի անոր բաժինը այն է։

Ո՞վ պիտի տանի զանիկա, որ տեսնէ

Թէ՝ իրմէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։

4 1 Ես դարձայ ու տեսայ

Արեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները։

Զրկուածներուն աչքը արցունք կար,

Բայց անոնք մխիթարող չունէին.

Անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար,

Բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար։

 Ես խորհեցայ թէ՝ մեռածները, արդէն մեռածները,

Հիմա ապրողներէն աւելի բաղդաւոր են։

 Բայց ան որ մինչեւ հիմա եղած չէ, երկուքէն ալ՝ աւելի բաղդաւոր է,

Վասն զի անիկա արեւուն տակ եղած չարութիւնը չտեսաւ։

 Ու ես ամէն աշխատութիւն

Եւ ամէն յաջող գործ տեսայ,

Որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։

Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

 Անմիտը իր ձեռքերը կը ծալլէ

Ու իր միսը կ’ուտէ։

 Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ,

Քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է։

 Ես դարձայ ու արեւուն տակ ունայնութիւն տեսայ։

 Մարդ կայ, որ յաջորդ չունի,

Ո՛չ զաւակ ունի եւ ո՛չ եղբայր.

Բայց անոր բոլոր աշխատութիւնը վախճան չունի

Ու անոր աչքերը հարստութեամբ չեն կշտանար

Եւ չըսեր թէ՝ «Ես որո՞ւ համար կ’աշխատիմ

Ու իմ հոգիս բարիքէ կը զրկեմ»։

Ասիկա ալ ունայնութիւն ու չար զբաղում է։

 Երկուքը մէկէն աղէկ է,

Վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի,

10 Քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։

Բայց վա՜յ իյնող մէկուն՝

Որ զինք վերցնող մը չունի։

11 Երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան,

Բայց մէկը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ երբ առանձինն է։

12 Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ,

Երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։

Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր։

13 Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան,

Քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը,

Որ չի գիտեր խրատուիլ։

14 Քանզի մէկը բանտէն կ’ելլէ, որպէս զի թագաւորէ,

Բայց ուրիշ մը, որ թագաւոր ծնած է, աղքատ կ’ըլլայ։

15 Տեսայ արեւուն տակ քալող բոլոր կենդանիները

Այն տղուն հետ, որ թագաւորին երկրորդն էր

Ու անոր տեղը պիտի անցնէր.

16 Անոնց առջեւ կեցող բոլոր ժողովուրդը անթիւ էր.

Սակայն ետքը եկողներն ալ պիտի չուրախանան։

Ասիկա ալ ունայնութիւն Ու հոգիի տանջանք է։

ԱՆԽՈՀԵՄ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ՄԻ՝ ԸՆԵՐ

5 1 Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛։

Աւելի մտիկ ընելու համար մօտեցիր,

Քան թէ անմիտներու պէս զոհ մատուցանելու.

Վասն զի անոնք չեն գիտեր թէ չարութիւն կ’ընեն։

 Բերնովդ մի՛ աճապարեր,

Թող քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ խօսելու չարտորայ.

Քանզի Աստուած երկինքն է ու դուն երկրի վրայ ես,

Անոր համար քու խօսքերդ քիչ թող ըլլան։

 Վասն զի երազը շատ զբաղումէն յառաջ կու գայ

Ու յիմարին ձայնը՝ շատ խօսքերէն։

 Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես,

Զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ,

Քանզի Աստուած անմիտներուն չի հաճիր։

Ըրած ուխտդ կատարէ՛։

 Աղէկ է որ ուխտ չընես,

Քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես։

 Թող մի՛ տար, որ քու բերանդ մարմնիդ մեղք գործել տայ

Եւ հրեշտակին առջեւ մի՛ ըսեր թէ՝ սխալ եղաւ։

Ինչո՞ւ Աստուած քու խօսքիդ համար բարկանայ

Ու ձեռքերուդ գործը աւրէ։

 Վասն զի երազներուն շատութեանը մէջ

Եւ խօսքերուն շատութեանը մէջ

Ունայնութիւններ ալ կան.

Բայց դուն Աստուծմէ վախցի՛ր։

ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է

 Եթէ գաւառի մը մէջ աղքատին եղած զրկանքը

Ու իրաւունքի եւ արդարութեան զրկուիլը տեսնես,

Այս բանին վրայ մի՛ զարմանար.

Վասն զի բարձրերուն վրայ Բարձր եղողը կը դիտէ

Եւ անոնցմէ Բարձրը կայ։

 Երկիրը ամենուն ալ օգտակար է.

Թագաւորին անգամ արտէն ծառայութիւն կ’ըլլայ։

10 Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար,

Ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։

Ասիկա ալ ունայնութիւն է։

11 Երբ բարիքը շատնայ,

Ուտողներն ալ կը շատնան.

Ուրեմն զանիկա ունեցողներուն՝

Աչքով տեսնելէն զատ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ։

12 Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝

Թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ,

Բայց հարուստին կուշտ ըլլալը

Չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ։

13 Արեւուն տակ տեսայ թէ գէշ ցաւ մը կայ,

Այսինքն այն հարստութիւնը, որ իր տիրոջը ձախորդութեանը համար պահուած է։

14 Այն հարստութիւնը ձախորդ դիպուածով մը կը կորսուի

Ու ինք տղայ կը ծնանի եւ անոր ձեռքը բան մը չ’ըլլար։

15 Ինչպէս իր մօրը որովայնէն ելաւ,

Այնպէս մերկ պիտի դառնայ։

Ինչպէս եկաւ, այնպէս պիտի երթայ

Ու իր աշխատութենէն բան մը պիտի չառնէ որ իրեն հետ տանի։

16 Այս ալ գէշ ցաւ մըն է,

Որ ինչպէս եկաւ, ճիշդ այնպէս պիտի երթայ

Եւ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ անոր,

Որ հովի համար կ’աշխատի։

17 Անիկա իր բոլոր օրերը խաւարի մէջ կը սպառէ՝

Մեծ տրտմութեամբ, հիւանդութեամբ եւ սրտմտութեամբ։

18 Սակայն այս աղէկութիւնը տեսայ,

Որ վայելուչ է ուտել ու խմել

Եւ Աստուծոյ տուած կեանքին բոլոր օրերուն մէջ՝

Արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքին բարիքը վայլել,

Վասն զի անոր բաժինը ասիկա է։

19 Ամէն մարդու, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք կու տայ,

Անկէ ուտելու եւ բաժինը առնելու

Ու իր աշխատանքէն ուրախանալու իշխանութիւնն ալ կու տայ։

Ասիկա Աստուծոյ պարգեւն է։

20 Քանզի անիկա իր կեանքին օրերը շատ չի յիշեր.

Վասն զի Աստուած անոր սրտին ուրախութիւնովը անոր պատասխան կու տայ։

6 1 Արեւուն տակ տեսայ թէ չարիք մը կայ

Ու անիկա մարդոց մէջ շատ կը գտնուի։

 Մարդ մը, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք եւ փառք կու տայ,

Իր հոգիին ցանկացած ոեւէ բանէ պակասութիւն մը չ’ունենար,

Բայց Աստուած անոր իշխանութիւն չի տար անկէ ուտելու.

Հապա զանիկա օտար մարդ կ’ուտէ։

Այս ալ ունայնութիւն ու գէշ ցաւ մըն է։

 Եթէ մարդ հարիւր զաւակ ծնանի

Ու շատ տարիներ ապրի

Եւ անոր հոգին բարութենէ չկշտանայ

Եւ անիկա թաղում ալ չունենայ,

Կ’ըսեմ թէ վիժածը անկէ աղէկ է։

 Վասն զի ասիկա ունայնութեամբ եկաւ ու խաւարով գնաց

Եւ անունը խաւարի մէջ ծածկուեցաւ։

 Արեւն ալ չտեսաւ ու բան մը չգիտցաւ.

Ասիկա միւսէն ի՞նչ բանով աւելի հանգիստ է։

 Իսկ եթէ երկու հազար տարի ալ ապրի

Ու աղէկութիւն չտեսնէ,

Միթէ ամէնքը նոյն տեղը չե՞ն երթար։

 Մարդուն բոլոր աշխատութիւնը իր բերնին համար է,

Սակայն անոր հոգին չի կշտանար։

 Քանզի իմաստունը անմիտէն աւելի ի՞նչ բան ունի.

Ապրողներուն մէջ քալել գիտցող աղքատը ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։

 Աչքերով տեսնելը հոգիով փափաքելէն աղէկ է։

Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

10 Ինչ որ եղաւ, արդէն անոր անուն դրուած է

Եւ յայտնի է թէ մարդ է

Ու անիկա իրմէ Զօրաւորին հետ վիճելու կարող չէ։

11 Որովհետեւ ունայնութիւն շատցնող շատ բաներ կան,

Մարդուն ի՞նչ կը մնայ։

12 Քանզի ո՞վ գիտէ թէ ո՛ր բանը աղէկ է կենդանի մարդուն՝

Ստուերի պէս անցուցած իր ունայն կեանքին բոլոր օրերուն մէջ.

Վասն զի մարդուն ո՞վ պիտի յայտնէ՝

Թէ իրմէ ետքը արեւուն տակ ի՛նչ պիտի ըլլայ։

ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

7 1 Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն

Ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է։

 Սուգի տուն երթալը

Կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է.

Վասն զի ամէն մարդու վախճանը այն է

Ու կենդանի եղողը զանիկա իր սրտին մէջ պէտք է պահէ։

 Տրտմութիւնը ծիծաղելէն աղէկ է,

Վասն զի երեսին տրտմութիւնովը սիրտը կը զուարճանայ։

 Իմաստուններուն սիրտը՝ սուգի տուն,

Իսկ յիմարներուն սիրտը ուրախութեան տուն կ’ըլլայ։

 Իմաստունին յանդիմանութիւնը լսելը

Յիմարներուն երգը լսելէն աղէկ է։

 Վասն զի ինչպէս է փուշերուն ձայնը կաթսային տակ,

Յիմարներուն ծիծաղն ալ այնպէս է։

Ասիկա ալ ունայնութիւն է։

 Իրաւ որ բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ

Ու կաշառքը մարդուն սիրտը կ’ապականէ։

 Բանի մը վախճանը սկիզբէն աղէկ է

Ու երկայնամիտ ոգին հպարտ ոգիէն աղէկ է։

 Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու,

Քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի։

10 Մի՛ ըսեր՝ «Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին»,

Վասն զի այս բանին համար ըրած հարցումդ իմաստութեամբ չէ։

11 Իմաստութիւնը ժառանգութեան պէս աղէկ է

Ու արեւը տեսնողներուն օգտակար է։

12 Վասն զի իմաստութեան հովանաւորութիւնը

Արծաթին հովանաւորութեան պէս է։

Բայց գիտութեան օգուտն այս է,

Որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ։

13 Աստուծոյ գործին նայէ,

Վասն զի անոր ծռածը ո՞վ կրնայ շտկել։

14 Աղէկ օրը աղէկութեամբ անցուր

Ու գէշ օրը զգուշութիւն ըրէ։

Աստուած իրարու առջեւ դրաւ ասոնք,

Որպէս զի մարդ իրմէ ետքը բան մը չգտնէ։

15 Իմ ունայն կեանքիս մէջ ամէն բան տեսայ

Արդար կայ, որ իր արդարութեանը մէջ կը կորսուի

Եւ ամբարիշտ կայ, որ իր ամբարշտութեանը մէջ իր կեանքը կ’երկնցնէ։

16 Խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար։

Ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր։

17 Խիստ ամբարիշտ մի՛ ըլլար ու յիմար մի՛ ըլլար.

Ինչո՞ւ համար ատենդ չեկած մեռնիս։

18 Աղէկ է, որ մէկը բռնես ու միւսէն ալ ձեռքդ չքաշես,

Վասն զի Աստուծմէ վախցողը ամենէն ապահով կ’ելլէ։

19 Իմաստութիւնը աւելի ոյժ կու տայ իմաստունին,

Քան թէ քաղաքի մը մէջ եղող տասը իշխան՝ այն քաղաքին։

20 Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ,

Որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ։

21 Արդ քու սիրտդ ամէն խօսուած խօսքերուն մի՛ տար,

Որպէս զի քու ծառայիդ անէծք տալը չլսես.

22 Վասն զի քու սիրտդ գիտէ թէ

Դուն ալ շատ անգամ ուրիշներուն անէծք տուած ես։

23 Ասոնց ամէնքը իմաստութեամբ փորձեցի

Եւ ըսի՝ «Ես իմաստուն պիտի ըլլամ»։

Բայց անիկա ինձմէ հեռու էր։

24 Ինչ որ հեռուն է

Ու խիստ խորունկ եղածը ո՞վ կրնայ գտնել։

25 Ես իմ սրտովս պտըտեցայ, որպէս զի գիտնամ եւ քննեմ

Ու փնտռեմ իմաստութիւնն ու հանճարը

Եւ յիմարութեան չարութիւնը

Ու անմտութիւնը եւ խենթութիւնը։

26 Ես մահուանէն աւելի դառն գտայ այն կինը,

Որուն սրտին մէջ ցանցեր եւ ուռկաններ

Ու ձեռքերուն մէջ կապանքներ կան։

Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողը անկէ կ’ազատի,

Բայց մեղաւորը անկէ կը բռնուի։

27 Ահա ասիկա գտայ, կ’ըսէ Ժողովողը,

Մէկիկ մէկիկ համրելով՝ հաշիւը գտնելու համար.

28 (Որ հոգիս տակաւին կը փնտռէ, բայց չեմ կրնար գտնել)։

Այր մարդ՝ հազարէն մէկը գտայ,

Բայց բոլոր ասոնց մէջ մէկ կին չգտայ։

29 Ահա միայն ասիկա գտայ՝

Թէ Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց,

Բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին։

8 1 Իմաստունին պէս ո՞վ կայ

Ու խօսքի մեկնութիւնը ո՞վ գիտէ։

Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէ

Ու երեսին պնդութիւնը կը փոխուի։

ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ

 Թագաւորին հրամանը կատարէ

Աստուծոյ ուխտին համաձայն։

 Անոր առջեւէն ելլելու մի՛ արտորար,

Չար գործի մէջ մի՛ կենար,

Վասն զի անիկա ինչ որ ուզէ՝ կ’ընէ։

 Ուր որ թագաւորին խօսքը կայ, հոն իշխանութիւն կայ.

Ու ո՞վ կրնայ անոր ըսել՝ «Ի՞նչ կ’ընես»։

 Պատուիրանքը պահողը չարիքի չի հանդիպիր

Եւ իմաստունին միտքը ժամանակն ու ճամբան գիտէ։

 Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն իր ժամանակն ու յարմարութիւնը ունի,

Քանզի մարդուն վրայ շատ նեղութիւն կու գայ։

 Վասն զի անիկա ըլլալիքը չի գիտեր

Եւ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր թէ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։

 Հոգիին վրայ իշխող մարդ չկայ, որ հոգին արգիլէ։

Մահուան օրուանը վրայ տիրող չկայ.

Պատերազմին մէջ արձակում չկայ

Ու ամբարշտութիւնը իրեն հետեւողները չ’ազատեր։

ԱՄԲԱՐԻՇՏՆ ՈՒ ԱՐԴԱՐԸ

 Ասոնց ամէնքը տեսայ

Ու արեւուն տակ եղող ամէն գործի իմ սիրտս տուի։

Ատեն կայ, երբ մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ

Իրեն թշուառութեան համար։

10 Տեսայ ամբարիշտներ,

Որոնք թաղուեցան գացին ու սուրբ տեղէն ելան

Եւ մոռցուեցան այն քաղաքին մէջ, ուր այսպէս բաներ ըրին։

Այս ալ ունայնութիւն է։

11 Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր,

Այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը

Չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է։

12 Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ

Ու անոր կեանքը երկննայ ալ,

Ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝

Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ,

13 Բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։

Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ.

Վասն զի Աստուծոյ երեսէն չի վախնար։

14 Ունայնութիւն մը կայ, որ աշխարհիս վրայ կ’ըլլայ,

Այսինքն արդարներ կան, որոնց ամբարիշտներուն գործին պէս կը պատահի

Ու ամբարիշտներ ալ կան, որոնց արդարներուն գործին պէս կը պատահի։

Ըսի թէ՝ «Այս ալ ունայնութիւն է»։

15 Ես ուրախութիւնը գովեցի,

Վասն զի մարդ արեւուն տակ

Ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ

Աղէկ բան մը չունի։

Վասն զի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջ

Իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն։

16 Երբ ես իմ սիրտս տուի իմաստութիւնը գիտնալու

Ու երկրի վրայ եղած զբաղումները տեսնելու

(Վասն զի թէ՛ ցորեկ եւ թէ՛ գիշեր

Իր աչքը քուն չտեսնող մարդ կայ)։

17 Այն ատեն Աստուծոյ բոլոր գործերէն հասկցայ,

Թէ մարդ չի կրնար գտնել այն գործը, որ արեւուն տակ կ’ըլլայ.

Վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չի գտներ

Ու թէեւ իմաստունն ալ «Գիտեմ» ըսէ՝ գտնելու կարող չ’ըլլար։

9 1 Վասն զի բոլորը իմ սրտիս մէջ դրի,

Որ բոլորը զննեմ եւ յիշեցի

Թէ արդարները եւ իմաստուններն ու անոնց գործերը

Աստուծոյ ձեռքին մէջ են։

Մարդ չի գիտեր՝ թէ սէրը եւ ատելութիւնը,

Ամէն բան անոնց առջեւ է։

 Ամէն բան ամենուն հաւասարապէս կը պատահի.

Արդարին ու ամբարշտին,

Բարի մարդուն, մաքուրին ու անմաքուրին,

Զոհ ընողին ու զոհ չընողին

Պատահածը նոյնն է։

Ինչպէս է բարի մարդը, մեղաւորն ալ այնպէս է։

Երդում ընողը՝ երդումէ վախցողին պէս է։

 Արեւուն տակ եղած բոլոր գործերուն մէջ գէշ բանը այս է,

Որ ամենուն պատահածը նոյնն է։

Մարդոց որդիներուն սիրտը

Չարութեամբ լեցուած ըլլալով՝

Իրենց կենդանութեան ատենը իրենց սրտին մէջ խենթութիւն կայ,

Անկէ յետոյ պիտի մեռնին։

 Բայց բոլոր կենդանիներուն ընկերացող մարդը յոյս ունի,

Վասն զի ողջ շունը մեռած առիւծէն աղէկ է։

 Որովհետեւ անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին.

Բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր

Ու ալ վարձք մը չեն առներ.

Վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։

 Թէ՛ անոնց սէրը, թէ՛ ատելութիւնը

Եւ թէ՛ նախանձը արդէն կորսուեցան

Ու անոնք արեւուն տակ եղող բաներէն

Ա՛լ յաւիտեան բաժին չունին։

 Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր

Ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛,

Վասն զի Աստուած քու գործերուդ հաւնեցաւ։

 Հանդերձներդ ամէն ատեն ճերմակ թող ըլլան

Ու գլխուդ վրայէն իւղը պակաս թող չըլլայ։

 Քու սիրած կնոջդ հետ կեանքը վայլէ

Քու ունայն կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ,

Որ Աստուած քեզի տուաւ արեւուն տակ,

Բոլոր ունայն օրերուդ մէջ։

Վասն զի այս կեանքին մէջ քու բաժինդ անիկա է

Արեւուն տակ կատարած աշխատանքէդ։

10 Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու,

Բոլոր ուժովդ ըրէ,

Քանզի գերեզմանիդ մէջ

Գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ։

11 Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ,

Թէ ճամբան վազողներունը չէ,

Պատերազմը զօրաւորներունը չէ

Նաեւ հացը իմաստուններունը չէ,

Հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ,

Նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ.

Հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն։

12 Վասն զի ժամանակն անգամ չի գիտեր։

Ինչպէս ձուկերը չար ուռկանով կը բռնուին

Եւ թռչունները ծուղակի մէջ կը բռնուին,

Նոյնպէս մարդոց որդիներն ալ որոգայթի մէջ կ’իյնան,

Երբ չար ժամանակը յանկարծ անոնց վրայ գայ։

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԻՄԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ

13 Արեւուն տակ այս իմաստութիւնն ալ տեսայ։

Անիկա ինծի մեծ երեւցաւ.

14 Պզտիկ քաղաքին վրայ, որուն մէջ քիչ մարդ կար,

Մեծ թագաւոր մը եկաւ ու զանիկա պաշարեց

Եւ անոր դէմ մեծ պատնէշներ շինեց

15 Ու անոր մէջ աղքատ իմաստուն մը գտնուեցաւ

Եւ անիկա իր իմաստութիւնովը քաղաքը ազատեց,

Բայց այդ աղքատ մարդը բնաւ յիշող մը չեղաւ։

16 Այն ատեն ըսի թէ՝

Իմաստութիւնը ուժէն աղէկ է,

Թէեւ աղքատին իմաստութիւնը կ’անարգեն

Ու անոր խօսքերուն մտիկ չեն ըներ։

17 Իմաստուններուն մեղմ խօսքերը

Յիմարներուն մէջ իշխան եղողին աղաղակէն աղէկ կը լսուին։

18 Իմաստութիւնը պատերազմական զէնքերէն աղէկ է,

Բայց մէկ մեղաւորը շատ բարիքներու կորուստին պատճառ կ’ըլլայ։

10 1 Մեռած ճանճերը իւղագործին իւղը գարշահոտ կ’ընեն։

Քիչ մը անմտութիւնն ալ իմաստութեամբ եւ պատուով երեւելի սեպուած մարդը այնպէս կ’ընէ։

 Իմաստունին սիրտը իր աջ կողմն է,

Իսկ անմիտին սիրտը իր ձախ կողմն է։

 Անմիտ մարդը ճամբան քալելու ատենն ալ՝

Խելքը պակաս ըլլալուն համար՝ իր յիմար ըլլալը ամենուն կը յայտնէ։

 Եթէ իշխանին բարկութիւնը քեզի դէմ ելլէ,

Քու տեղդ մի՛ ձգեր,

Վասն զի քաղցրութիւնը մեծ յանցանքները կը դադրեցնէ։

 Արեւուն տակ չարութիւն մըն ալ տեսայ,

Որպէս թէ իշխանին երեսէն ելած անխոհեմութիւն մը ըլլար։

 Անմտութիւնը խիստ բարձր տեղերու վրայ կը դրուի

Ու հարուստները ցած տեղ մը կը նստին։

 Տեսայ ծառաներ, որոնք ձիերու վրայ հեծեր էին

Եւ իշխաններ, որոնք հետիոտն կը քալէին։

 Փոս փորողը ինք անոր մէջ կ’իյնայ

Ու օձը կը խածնէ ցանկ քակողը։

 Քարեր կտրողը անոնցմէ կը վնասուի

Եւ փայտ ճեղքողը անկէ վտանգի մէջ կ’իյնայ։

10 Եթէ երկաթը բթացած է ու անոր բերանը չոր է,

Այն ատեն մարդը իր ոյժը կրկնապատկելու է.

Բայց իմաստութիւնը կ’օգնէ, որ յաջողի։

11 Եթէ օձը թովելէն առաջ խածնէ,

Այն ատեն թովիչը օգուտ մը չ’ունենար։

12 Իմաստունին բերնին խօսքերը շնորհալի են,

Բայց անմիտին շրթունքները զինք կը սպառեն։

13 Անոր բերնին խօսքերուն սկզբնաւորութիւնը անմտութիւն է

Ու անոր խօսքին վերջը կատաղի խենթութիւն է։

14 Յիմարը իր խօսքերը կը շատցնէ։

Մարդ ինչ ըլլալիքը չի գիտեր։

Անոր ո՞վ պիտի յայտնէ

Թէ անկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։

15 Յիմարներուն աշխատանքը զիրենք կը յոգնեցնէ,

Քաղաքին ճամբան չգիտցողին պէս։

16 Վա՜յ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ մանուկ է

Ու իշխաններդ առտուն կերակուր կ’ուտեն։

17 Երանի՜ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ ազնուազարմ է

Եւ քու իշխաններդ ժամանակին կ’ուտեն՝

Ուժի համար եւ ո՛չ թէ գինովութեան համար։

18 Ծուլութիւնով շէնքը կը փլչի

Եւ ձեռքերու թուլութիւնով տունը կը կաթի։

19 Կոչունքը ծիծաղելու համար կ’ընեն

Ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ.

Իսկ արծաթը ամէն բան կը գոհացնէ։

20 Մտքիդ մէջ անգամ թագաւորին անէծք մի՛ տար

Եւ քու ննջարանիդ մէջ մեծերուն անէծք մի՛ տար.

Վասն զի երկնքի թռչունը այդ ձայնը կը տանի

Ու թեւաւորը խօսքը կը պատմէ։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԷ ԻՄԱՍՏՈՒՆԸ

11 1 Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ,

Վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես։

 Եօթնին եւ ութին ալ բաժին տուր,

Վասն զի չես գիտեր թէ երկրի վրայ ի՛նչ պատուհաս պիտի գայ։

 Եթէ ամպերը լեցուն ըլլան,

Երկրի վրայ անձրեւ կը թափեն։

Երբ ծառ մը դէպի հարաւ կամ դէպի հիւսիս իյնայ,

Այն ծառը ինկած տեղը կը մնայ։

 Հովը դիտողը չի կրնար ցանել

Եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել։

 Ինչպէս դուն հովին ճամբան ո՛րն ըլլալը

Ու յղիին որովայնին մէջ ոսկորներուն ի՛նչպէս կազմուիլը չես գիտեր,

Նոյնպէս ամենաստեղծ Աստուծոյն գործը չես գիտեր։

 Առտուն քու սերմդ ցանէ

Եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր.

Վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝

Ա՞յս թէ այն,

Կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան։

 Իրաւ որ լոյսը քաղցր է

Ու արեւը տեսնելը աչքերու ախորժելի է։

 Թէեւ մարդ մը շատ տարի ապրի

Ու անոնց ամենուն մէջ ուրախանայ,

Խաւարի օրերն ալ յիշելու է,

Վասն զի անոնք շատ պիտի ըլլան։

Բոլոր գալիքը ունայնութիւն է։

ԽՐԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ

 Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր

Ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ

Եւ քու սրտիդ ճամբաներովը

Ու աչքերուդ նայուածքով քալէ.

Բայց գիտցիր թէ ասոնց ամենուն համար

Աստուած քեզ դատաստանի պիտի կանչէ։

10 Քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցո՛ւր

Ու մարմնէդ չարութիւնը հեռացո՛ւր,

Վասն զի մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնն ալ ունայնութիւն են։

12 1 Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ,

Դեռ թշուառութեան օրերը չեկած

Ու այն տարիները չհասած,

Որոնց մէջ պիտի ըսես՝ «Անոնց չեմ հաւնիր»,

 Արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չխաւարած

Ու անձրեւին ետեւէն ամպերը չդարձած։

 Այն օրը որ տանը պահապանները պիտի դողան

Ու զօրաւոր մարդիկը պիտի ծռին

Եւ աղացողները քիչ մնալնուն համար պիտի դադարին

Ու պատուհաններէն նայողները պիտի մթննան

 Ու երբ աղօրիքին ձայնը տկարանայ,

Փողոցներուն մէջ դռները պիտի գոցուին,

Եւ թռչունի ձայնով պիտի արթննան

Ու բոլոր երգող աղջիկները նկուն պիտի ըլլան։

 Բարձրէն պիտի վախնան,

Ճամբուն մէջ վախկոտ պիտի ըլլան։

Եւ նշենին պիտի ծաղկի

Ու մարախը ծանրութիւն պիտի սեպուի

Եւ ախորժակը պիտի դադարի.

Վասն զի մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայ

Ու լացողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին։

 Դեռ արծաթէ թելը չփրթած,

Ոսկիէ բաժակը չկոտրած,

Սափորը աղբիւրին քով չփշրուած

Ու ջրհորին վրայի անիւը չկոտրուած։

 Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս

Ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ։

 Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը,

Ամէն բան ունայնութիւն է։

ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 Որչափ որ Ժողովողը իմաստուն էր,

Այնչափ ալ ժողովուրդին գիտութիւն սորվեցուց։

Խորհելով ու քննելով

Շատ առակներ շարադրեց։

10 Ժողովողը փնտռեց, որ ախորժելի խօսքեր գտնէ։

Գրուածը ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր են։

11 Իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս են

Ու ժողովներու տէրերէն գամուած բեւեռներու պէս՝ մէկ հովիւէ տրուած։

12 Վերջապէս, որդեա՛կ իմ, անոնցմէ խրատ ա՛ռ։

Շատ գիրք շինելը ծայր չունի

Ու շատ կարդալը մարմինը կը յոգնեցնէ։

13 Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։

Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛,

Վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։

14 Քանզի Աստուած ամէն գործ,

Ամէն ծածուկ բաներու հետ,

Թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ։