ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՆԱՆՈՒ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՆԱՆՈՒ

ՅՈՎՆԱՆԻ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

1 1 Տէրոջը խօսքը Ամաթիին որդիին Յովնանին եղաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու քարոզէ՛, քանզի անոնց չարութիւնը իմ առջեւս ելաւ»։ Բայց Յովնան ելաւ, որ Տէրոջը երեսէն Թարսիս փախչի։ Յոպպէ իջաւ ու նաւ մը գտաւ, որ Թարսիս կ’երթար։ Անոր վարձքը տուաւ ու անոր մէջ մտաւ, որպէս զի անոնց հետ Թարսիս երթայ՝ Տէրոջը երեսէն հեռու։

Տէրը ծովուն մէջ մեծ հով մը հանեց ու ծովուն մէջ մեծ փոթորիկ մը եղաւ, այնպէս որ նաւը խորտակուելու վտանգին մէջ էր։ Նաւաստիները վախցան եւ ամէն մէկը իր աստուծոյն կ’աղաղակէր ու նաւուն մէջի կարասիները ծովը նետեցին, որպէս զի զանիկա թեթեւցնեն. բայց Յովնան նաւուն խորշը իջնելով պառկեր էր ու խորունկ կը քնանար։ Նաւապետը անոր մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՜վ խորունկ քնացող. ելի՛ր քու Աստուծոյդ աղաղակէ, թերեւս Աստուած մեզ յիշէ ու չկորսուինք»։

Իրարու ըսին. «Եկէ՛ք, վիճա՛կ ձգենք, որպէս զի գիտնանք թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ եկաւ»։ Երբ վիճակ ձգեցին, վիճակը Յովնանին ելաւ։ Անոնք ըսին անոր. «Հիմա պատմէ՛ մեզի՝ թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ եկաւ։ Քու գործդ ի՞նչ է։ Ուրկէ՞ կու գաս։ Քու երկիրդ ո՞րն է ու դուն ո՞ր ժողովուրդէն ես»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Ես Եբրայեցի եմ եւ ծովն ու ցամաքը ստեղծող երկնքի Աստուածը՝ Եհովան կը պաշտեմ»։ 10 Այն մարդիկը խիստ շատ վախցան ու անոր ըսին. «Այդ բանը ինչո՞ւ ըրիր»։ Քանզի այն մարդիկը գիտցան թէ Տէրոջը երեսէն կը փախչէր, վասն զի անոնց պատմեր էր։ 11 Ուստի անոր ըսին. «Քեզի ի՞նչ ընենք, որ ծովը դադարի»։ Քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար։ 12 Անիկա ըսաւ անոնց. «Զիս վերցուցէ՛ք ու ծովը նետեցէ՛ք ու ծովը պիտի դադարի, քանզի ես գիտեմ թէ այս մեծ փոթորիկը իմ պատճառովս եղաւ»։

13 Այն մարդիկը թի քաշելով կը ջանային նաւը ցամաքը դարձնել, բայց չէին կրնար, քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար։ 14 Ուստի Եհովային աղաղակեցին ու ըսին. «Ո՜հ, Եհովա՛, կ’աղաչենք, այս մարդուն հոգիին համար մեզ մի՛ կորսնցներ ու մեր վրայ անմեղ արիւն մի՛ դներ, քանզի դո՛ւն, ո՛վ Եհովա, ուզածիդ պէս ըրիր»։ 15 Եւ Յովնանը վերցուցին ու ծովը նետեցին եւ ծովը իր կատաղութենէն դադարեցաւ։ 16 Այն մարդիկը Եհովայէն սաստիկ վախցան ու Եհովային զոհ մատուցանեցին եւ ուխտեր ըրին։

17 Եւ Տէրը մեծ ձուկի մը հրամայեց, որ Յովնանը կլլէ։ Յովնան երեք օր ու երեք գիշեր ձուկին փորը մնաց։

ՅՈՎՆԱՆԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

2 1 Յովնան ձուկին փորէն իր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրաւ Ու ըսաւ.

«Իմ նեղութենէս Տէր, քեզի աղաղակեցի

Եւ դուն ինծի պատասխան տուիր։

Գերեզմանին փորէն կանչեցի

Ու իմ ձայնս լսեցիր։

 Վասն զի զիս ծովերուն մէջ, անդունդը նետեցիր

Ու հեղեղները զիս պաշարեցին.

Կոհակներն ու ալիքները իմ վրայէս անցան»։

 Ու ես ըսի.

«Քու աչքերուդ առջեւէն վռնտուեցայ,

Բայց տակաւին քու սուրբ տաճարիդ պիտի նայիմ»։

 Զիս մինչեւ հոգիս ջուրերը պաշարեցին,

Անդունդը ամէն կողմէն զիս շրջապատեց,

Կնիւնները գլուխս փաթթուեցան

 Լեռներուն տակերը իջայ,

Երկիրը իր նիգերովը իմ բոլորտիքս էր,

Բայց դուն իմ կեանքս գուբէն հանեցիր,

Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։

 Երբ հոգիս իմ մէջս մարեցաւ, Տէ՛ր, քեզ յիշեցի

Ու իմ աղօթքս քեզի՝ քու սուրբ տաճարդ՝ հասաւ։

 Սուտ ունայնութիւններու նայողները

Իրենց ողորմութիւնը թողուցին,

 Բայց ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ

Ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ։

Փրկութիւնը Տէրոջմէն է»։

10 Եւ Տէրը ձուկին հրաման ըրաւ, ան ալ Յովնանը ցամաքը փսխեց։

ՅՈՎՆԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ՀՆԱԶԱՆԴԻ

3 1 Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Յովնանին եղաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու տո՛ւր անոր այն պատգամը, որ ես քեզի կը յայտնեմ»։ Եւ Յովնան Տէրոջը խօսքին համեմատ ելաւ Նինուէ գնաց։ Նինուէ խիստ մեծ քաղաք մըն էր՝ երեք օրուան ճամբու տարածութեամբ։ Յովնան քաղաքը մտաւ ու մէկ օրուան ճամբայ պտըտելով՝ կը քարոզէր ու կ’ըսէր. «Դեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի»։

Նինուէցիները Աստուծոյ հաւատալով՝ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու մեծէն մինչեւ պզտիկը քուրձ հագան։ Այս խօսքը Նինուէի թագաւորին հասաւ։ Անիկա իր աթոռէն ելաւ ու վրայէն պատմուճանը հանեց եւ քուրձ հագաւ ու մոխիրի վրայ նստաւ Եւ Նինուէի մէջ մունետիկ կանչել տուաւ ու թագաւորին ու իր մեծամեծներուն հրամանովը պատուիրեց՝ ըսելով. «Մարդ ու անասուն, արջառ ու ոչխար թող բան չուտեն, չարածին ու ջուր չխմեն Եւ մարդիկ ու անասուններ քուրձ թող հագնին ու բոլոր ուժով Աստուծոյ թող աղաղակեն։ Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն ու իր ձեռքերուն մէջ եղած անիրաւութենէն թող դառնայ. Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած դառնայ ու գթայ եւ իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ ու չկորսուինք»։ 10 Աստուած անոնց գործերը տեսաւ, որ իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթաց ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ։

ՅՈՎՆԱՆԻ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՒԹԸ

4 1 Յովնան խիստ վշտացաւ ու նեղուեցաւ Ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր, երբ ես դեռ իմ երկիրս էի, այսպէս չըսի՞։ Ասոր համար Թարսիս փախայ, քանզի գիտէի թէ դուն ողորմած, գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ Աստուած ես ու չարիքի համար կը ցաւիս։ Եւ հիմա ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, իմ հոգիս ինձմէ ա՛ռ, քանզի մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։ Տէրը ըսաւ. «Միթէ այդպէս նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես»։

Յովնան քաղաքէն դուրս ելաւ ու քաղաքին արեւելեան կողմը նստաւ եւ հոն իրեն տաղաւար մը շինեց ու անոր հովանիին տակ նստաւ, մինչեւ որ տեսնէ թէ քաղաքին ի՞նչ պիտի պատահի։ Տէր Աստուած դդմենիի մը հրամայեց, որ Յովնանին վրայ ելլէ եւ անոր գլխուն վրայ հովանի ըլլայ, որպէս զի անիկա իր տառապանքէն ազատէ։ Եւ Յովնան դդմենիին համար չափազանց ուրախացաւ։

Հետեւեալ օրը, առտուն, Աստուած հրամայեց որդի մը, որ դդմենիին զարնէ ու անիկա չորցաւ։ Երբ արեւը կը ծագէր, Աստուած խորշակաբեր արեւելեան հովի մը հրամայեց ու արեւը Յովնանի գլխուն զարկաւ, այնպէս որ անիկա մարեցաւ ու իրեն մահը ուզելով՝ ըսաւ. «Մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։

Եւ Աստուած Յովնանին ըսաւ. «Միթէ դդմենիին համար նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես»։ Անիկա ըսաւ. «Մեռնելու չափ նեղանալովս աղէկ կ’ընեմ»։

10 Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Դուն դդմենիին խղճացիր, որուն համար աշխատութիւն չքաշեցիր ու զանիկա չմեծցուցիր, որ մէկ գիշերուան մէջ բուսաւ ու մէկ գիշերուան մէջ կորսուեցաւ։ 11 Ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ»։