Գ. ԳԻՐՔ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
48 Սողոմոն Տէրոջը տանը բոլոր կարասիները շինեց՝ խունկին ոսկի սեղանը ու վրան առաջաւորութեան հաց դրուելու ոսկի սեղանը 49 Եւ դաբիրին առջեւի զուտ ոսկիէ աշտանակները, որոնց հինգը աջ կողմն էին ու հինգը ձախ կողմը եւ ոսկիէ ծաղիկներն ու ճրագները եւ ունելիները, 50 Զուտ ոսկիէ գաւաթները, բազմակալները, կոնքերը, խնկամանները եւ բուրվառները ու ներքին տանը, այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին, դռներուն ու տանը, այսինքն տաճարին դռներուն ոսկի ծխնիները։
51 Այսպէս Տէրոջը տաճարին համար Սողոմոն թագաւորին բոլոր շինած գործերը լմնցան ու Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին նուիրած բաները, արծաթն ու ոսկին ու անօթները տարաւ, Տէրոջը տանը գանձերուն մէջ դրաւ։
ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻ
(Բ Մնաց. 5։2–6։2)
8 1 Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերն ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները իր քով Երուսաղէմ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթին քաղաքէն, այսինքն Սիօնէն հանեն։ 2 Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուան, Անթանի ամսուան մէջ, տօնին ատենը Սողոմոն թագաւորին քով հաւաքուեցան։ 3 Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան ու քահանաները տապանակը վերցուցին։ 4 Տէրոջը տապանակը ու վկայութեան խորանը եւ խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին. զանոնք քահանաներն ու Ղեւտացիները հանեցին։ 5 Սողոմոն թագաւորն ու անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը անոր հետ տապանակին առջեւ ըլլալով՝ ոչխարներ ու արջառներ զոհեցին։ Այնչափ շատ որ անթիւ ու անհամար էին։ 6 Քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը տանը դաբիրը, Սրբութիւն Սրբութեանցը ու քերովբէներուն թեւերուն տակ դրին. 7 Քանզի քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին ու քերովբէները վերէն կը ծածկէին տապանակն ու անոր ձողերը։ 8 Ձողերը երկնցուցին, այնպէս որ ձողերուն ծայրերը սրբութենէն կ’երեւնային դաբիրին առջեւ, բայց դուրսէն չէին երեւնար ու մինչեւ այսօր հոն են։ 9 Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու քարէ տախտակները՝ որոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելած ատենը, ուխտ ըրաւ։ 10 Երբ քահանաները սրբութենէն ելան, ամպը լեցուց Տէրոջը տունը 11 Եւ ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որ իրենց պաշտօնը կատարեն, վասն զի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։
12 Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։ 13 Ահա քեզի բնակութեան համար տուն ու յաւիտեան նստելու համար քեզի տեղ շինեցի»։
ՍՈՂՈՄՈՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Բ Մնաց. 6։3-11)
14 Եւ թագաւորը երեսը դարձուց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը օրհնեց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ կայներ էին։ 15 Անիկա ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթին խօսք տուաւ ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ. 16 ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանած օրէս ի վեր, Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի անունս հոն ըլլայ, բայց Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ’։ 17 Իմ հայրս՝ Դաւիթ՝ միտք ունէր, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ, 18 Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթին ըսաւ. ‘Թէեւ դուն միտքդ դրիր, որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր որ այս բանը միտքդ դրիր, 19 Սակայն տունը դուն պիտի չշինես, հապա քու որդիդ, որ քու երանքէդ պիտի ելլէ՝ անիկա իմ անուանս տունը պիտի շինէ’։ 20 Հիմա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց ու ես իմ հօրս Դաւիթին յաջորդեցի ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլին աթոռը նստայ ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը այս տունը շինեցի 21 Եւ հոն տեղ մը պատրաստեցի տապանակին համար, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը, որ մեր հայրերուն հետ ըրաւ, երբ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեց։
ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
(Բ Մնաց. 6։12-42)
22 Սողոմոն Տէրոջը սեղանին առջեւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնելով՝ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց 23 Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, վերը երկինքը ու վարը երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն կը պահես։ 24 Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին ըրած խոստումդ պահեցիր ու բերնովդ ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։ 25 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստումդ, զոր քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըրիր ու ըսիր. ‘Իմ առջեւս Իսրայէլին աթոռին վրայ նստող մարդ քեզմէ պակաս պիտի չըլլայ. միայն թէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ առջեւս քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր’։ 26 Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըսած խօսքդ հաստատուի։
27 «Բայց միթէ Աստուած իրաւցնէ երկրի վրայ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս։ 28 Սակայն, ո՛վ Տէր Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ՛ եւ քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքն ու աղօթքը լսէ՛, 29 Որպէս զի այս տանը վրայ գիշեր ու ցորեկ քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ, որուն համար ըսիր թէ ‘Իմ անունս հոն պիտի ըլլայ’, որպէս զի այստեղ քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսես։ 30 Ուրեմն քու ծառայիդ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին այստեղ ըրած աղօթքները լսէ՛. այո՛, քու բնակութեանդ տեղէն, երկնքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛։
31 «Եթէ մէկը ընկերին դէմ մեղանչէ ու ան ալ երդում ընել տալու համար՝ անոր երդում առաջարկէ ու երդումի համար այս տունը՝ քու սեղանիդ առջեւ՝ գայ, 32 Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ ու կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ըրէ՛։
33 «Եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլ՝ քեզի դէմ մեղանչելուն համար իրենց թշնամիներուն առջեւ յաղթուին ու քեզի դառնան եւ քու անուանդ փառք տան ու այս տան մէջ քեզի աղօթք ու աղաչանք ընեն, 34 Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ ու անոնց հայրերուն տուած երկիրդ դարձուր զանոնք։
35 «Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելնուն համար երկինք գոցուի ու անձրեւ չգայ ու անոնք այստեղ քեզի աղօթք ընեն եւ քու անուանդ փառք տան ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան, 36 Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ծառաներուդ ու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ եւ անոնց սորվեցուր այն շիտակ ճամբան, որուն մէջ պէտք է քալեն եւ անձրեւ տուր այն երկրին, որ քու ժողովուրդիդ իբր ժառանգութիւն տուիր։
37 «Եթէ երկրի վրայ սով, կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն, կամ արմտիքներու դալուկ, կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն, կամ որեւէ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ, 38 Քու բոլոր ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրուածք մը ընէ եւ իւրաքանչիւր մարդ իր սրտին ախտը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ, 39 Այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս. 40 Որպէս զի քեզմէ վախնան իրենց օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տուած երկրիդ վրայ ապրին։
41 «Քու ժողովուրդէդ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու անուանդ համար եկող օտարականն ալ 42 (Վասն զի քու մեծ անունդ պիտի լսեն ու երկնցած բազուկդ պիտի տեսնեն,) եթէ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ, 43 Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրուածքը կատարէ՛, որպէս զի երկրի ամէն ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է։
44 «Երբ քու ժողովուրդդ թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով, որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այս քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով՝ Տէրոջը աղօթք ընեն, 45 Երկնքէն անոնց աղօթքն ու խնդրուածքը լսէ՛ եւ անոնց իրաւունք ըրէ՛։
46 «Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն, (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ,) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես ու անոնց գերեվարները թշնամիին հեռու կամ մօտ երկիրը գերի տանին զանոնք, 47 Բայց եթէ այն գերութեան երկրին մէջ զղջան ու դառնան եւ իրենց գերեվարներուն երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն՝ ‘Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք’ 48 Եւ եթէ զանոնք գերի տանող թշնամիներուն երկրին մէջ իրենց բոլոր սրտովը ու իրենց բոլոր հոգիովը քեզի դառնան ու իրենց երկրին, որ իրենց հայրերուն տուիր եւ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով՝ քեզի աղօթք ընեն, 49 Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսէ՛ ու անոնց իրաւունք ըրէ՛ 50 Եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ու բոլոր յանցանքը ներէ՛ ու այնպէս ըրէ՛, որ անոնց գերեվարները անոնց ողորմութիւն ընեն. 51 Քանզի անոնք քու ժողովուրդդ ու քու ժառանգութիւնդ են, որոնք Եգիպտոսէն երկաթի հնոցին մէջէն հանեցիր։ 52 Քու ծառայիդ խնդրուածքին ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի խնդրուածքին վրայ քու աչքդ ու ականջդ թող բաց ըլլան, որպէս զի անոնց քեզի ըրած աղաղակը լսես։ 53 Քանզի երկրի ժողովուրդներէն դուն զանոնք զատեցիր, որպէս զի քու ժառանգորդներդ ըլլան, ինչպէս քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով յայտնեցիր, երբ մեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցիր, ո՛վ Տէր Եհովա»։
ՎԵՐՋԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
54 Երբ Սողոմոն այս աղօթքն ու խնդրուածքը Տէրոջը ըրաւ լմնցուց, Տէրոջը սեղանին առջեւէն ելաւ, ուր ձեռքերը դէպի երկինք տարածուած ծունր կրկներ էր, 55 Ու ոտքի վրայ կայնելով Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը բարձր ձայնով օրհնեց ու ըսաւ. 56 «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ իր բոլոր ըսածին համեմատ իր Իսրայէլ ժողովուրդին հանգստութիւն տուաւ ու իր ծառային Մովսէսին միջոցով խօսած ամէն բարի խօսքերէն բնաւ խօսք մը գետինը չինկաւ։ 57 Մեր Տէր Աստուածը մեզի հետ ըլլայ, ինչպէս մեր հայրերուն հետ էր ու մեզ չթողու ու մեզ երեսէ չձգէ 58 Եւ մեր սիրտը իրեն դարձնէ, որպէս զի իր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալենք ու պահենք իր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք մեր հայրերուն պատուիրեց։ 59 Տէրոջը առջեւ մատուցուած այս պաղատանքի խօսքերս ցորեկ ու գիշեր մեր Տէր Աստուծոյ մօտենան, որպէս զի օրէ օր պատահած գործերուն մէջ իր ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին իրաւունք ընէ. 60 Որպէս զի երկրի բոլոր ժողովուրդները գիտնան թէ Եհովա ի՛նքն է Աստուած եւ ուրիշ մը չկայ։ 61 Ու ձեր սիրտը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ ըլլայ, որպէս զի այս օրուան պէս անոր կանոններուն մէջ քալէք ու անոր պատուիրանքները պահէք»։
ՏԱՃԱՐԻՆ ԸՆԾԱՅՈՒՄԸ
(Բ Մնաց. 7։4-10)
62 Թագաւորը ու բոլոր Իսրայէլ անոր հետ Տէրոջը առջեւ զոհեր մատուցանեցին։ 63 Սողոմոն Տէրոջը մատուցուած խաղաղութեան զոհին համար՝ քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհ ըրաւ եւ թագաւորն ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Տէրոջը տանը նաւակատիքը ըրին։ 64 Այն օրը թագաւորը Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի իր ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց, վասն զի Տէրոջը առջեւի պղնձէ սեղանը պզտիկ կու գար այս ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը ընդունելու։
65 Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ու եօթը օր եւս, այսինքն տասնըչորս օր, տօն ըրին։ 66 Եւ Սողոմոն ութերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք թագաւորը օրհնեցին ու իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Տէրը իր ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին ըրաւ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՐԿԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ
(Բ Մնաց. 7։11-22)
9 1 Երբ Սողոմոն Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը եւ իր սրտին բոլոր ուզած բաները շինեց լմնցուց, 2 Տէրը Սողոմոնին նորէն երեւցաւ՝ ինչպէս Գաբաւոնի մէջ երեւցեր էր։ 3 Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Իմ առջեւս ըրած աղօթքդ ու պաղատանքդ լսեցի եւ այս շինած տունդ սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն դնեմ ու իմ աչքերս ու սիրտս միշտ հոն պիտի ըլլան։ 4 Եթէ դուն իմ առջեւս քու հօրդ Դաւիթին պէս քալես՝ կատարեալ սրտով եւ ուղղութեամբ քալես ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես ու իմ կանոններս ու օրէնքներս պահես, 5 Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթին խոստացայ՝ ըսելով. ‘Իսրայէլի աթոռին վրայ քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։ 6 Բայց եթէ դուք կամ ձեր որդիները ինձմէ խոտորիք ու ձեր առջեւ դրուած պատուիրանքներս ու կանոններս չպահէք ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք 7 Այն ատեն Իսրայէլը պիտի ջնջեմ այն երկրին վրայէն, որ իրենց տուի ու իմ անուանս համար այս սրբած տունս երեսէս պիտի ձգեմ եւ Իսրայէլ բոլոր ազգերուն մէջ առակ ու կատակի առարկայ պիտի ըլլայ։ 8 Այս բարձր տանը համար ամէն քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու սուլելով պիտի ըսէ. ‘Տէրը ինչո՞ւ համար այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ’։ 9 Անոնց պիտի ըսեն. ‘Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուածը թողուցին, որ անոնց հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր եւ ուրիշ աստուածներու յարեցան եւ անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառով Տէրը անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ’»։
ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔԻՐԱՄԻՆ ՀԵՏ
(Բ Մնաց. 8։1-2)
10 Սողոմոն երկու տունը՝ Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը՝ քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը, 11 Տիւրոսի թագաւորը Քիրամ եղեւնափայտերով, մայրիի փայտերով ու ոսկիով անոր ամէն ուզածին համեմատ Սողոմոնի օգնութիւն ընելուն համար, Սողոմոն թագաւորն ալ այն ատեն Քիրամին քսան քաղաք տուաւ Գալիլիայի մէջ։ 12 Քիրամ Տիւրոսէն եկաւ՝ որպէս զի Սողոմոնին իրեն տուած քաղաքները տեսնէ եւ իր աչքերուն հաճոյ չերեւցան 13 Ու ըսաւ. «Եղբա՛յր, այս ի՜նչ քաղաքներ են, որոնք ինծի տուիր» ու անոնց անունը Քաբօղի երկիր կոչուեցաւ։ 14 Ուստի Քիրամ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ղրկեց։
ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ ՄԻՒՍ ՆԱՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ
(Բ Մնաց. 8։3-18)
15 Սողոմոն թագաւորին դրած հարկին պատճառը այս էր, որ Տէրոջը տունը, իր տունն ու Մելօնը ու Երուսաղէմի պարիսպը, Հասորը, Մակեդդովն ու Գազերը շինէ։ 16 (Քանզի Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը ելլելով՝ Գազերը առեր ու զանիկա կրակով այրեր էր եւ այն քաղաքին մէջ բնակող Քանանացիները մեռցնելով, զանիկա իր աղջկան, Սողոմոնի կնոջ, օժիտ տուեր էր։) 17 Ու Սողոմոն Գազերն ու վարի Բեթորոնը շինեց, 18 Նաեւ Բաազեթն ու Թադմօրը երկրին անապատին մէջ 19 Եւ Սողոմոնին բոլոր շտեմարանին քաղաքներն ու կառքերուն քաղաքները ու ձիաւորներուն քաղաքները եւ այն բոլոր շէնքերը, որոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի մէջ, Լիբանանի մէջ ու իր տէրութեան բոլոր երկրին մէջ։
20 Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Ամօրհացիներէն, Քետացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին, 21 Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին ու Իսրայէլի որդիները չէին կրցեր զանոնք բնաջինջ ընել, Սողոմոն զանոնք հարկատու ծառայ ըրաւ մինչեւ այսօր։ 22 Բայց Սողոմոն Իսրայէլի որդիները իրեն ծառայ չըրաւ. հապա անոնք իր պատերազմական մարդիկը, իր պալատականները, իշխանները, զօրավարներն ու իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներն էին։ 23 Սողոմոնին գործին վրայ հինգ հարիւր յիսուն գլխաւոր իշխաններ կային, որոնք բանուոր ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին։
24 Փարաւոնին աղջիկը Դաւիթի քաղաքէն ելաւ ու գնաց իր տունը, որ Սողոմոն անոր համար շիներ էր։ Ապա Մելօնը շինեց։
25 Սողոմոն տարին երեք անգամ՝ Տէրոջը համար շինած սեղանին վրայ՝ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր կը մատուցանէր եւ Տէրոջը առջեւի սեղանին վրայ խունկ կը ծխէր։ Այսպէս լրացուց իր գործը։
26 Սողոմոն թագաւորը Եդովմի երկրին մէջ Կարմիր ծովուն եզերքը՝ Ելաթի քով եղող Գասիոնգաբերի մէջ նաւեր շինեց։ 27 Քիրամ Սողոմոնին ծառաներուն հետ, ծովու ճամբորդութեան հմուտ եղող իր նաւավարները այն նաւերով ղրկեց։ 28 Ու անոնք Ոփիր գացին եւ անկէ չորս հարիւր քսան տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։
ՍԱԲԱՅԻ ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
(Բ Մնաց. 9։1-12)
10 1 Սաբայի թագուհին Սողոմոնին համբաւն ու Տէրոջը անունը լսեց ու եկաւ որպէս զի խրթին հարցումներով զանիկա փորձէ։ 2 Անիկա Երուսաղէմ եկաւ շատ հետեւորդներով, խունկեր ու խիստ շատ ոսկի ու պատուական քարեր բեռցած ուղտերով։ Ան Սողոմոնին քով գնաց ու բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր ըսաւ։ 3 Սողոմոն անոր բոլոր հարցումները բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ թագաւորը չհասկնար ու չբացատրէր անոր։ 4 Սաբայի թագուհին Սողոմոնին բոլոր իմաստութիւնը ու անոր շինած տունը 5 Եւ անոր սեղանին կերակուրներն ու անոր ծառաներուն բնակարանները եւ սպասաւորներուն կեցուածքն ու անոնց հագուստները եւ անոր մատռուակները ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց 6 Եւ թագաւորին ըսաւ. «Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր, 7 Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ որ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ եւ ահա ինծի ասոր կէսը պատմած չէին։ Քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ իմ լսած համբաւէս աւելի է։ 8 Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն։ 9 Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ Իսրայէլի աթոռին վրայ դրաւ։ Եհովա Իսրայէլը յաւիտեան սիրելուն համար՝ քեզ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես»։ 10 Ապա թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր ու պատուական քարեր տուաւ։ Անկէ յետոյ այնչափ խունկ չեկաւ, որչափ Սաբայի թագուհին Սողոմոն թագաւորին տուաւ։
11 Քիրամին նաւերը, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, Ոփիրէն խիստ շատ ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին։ 12 Թագաւորը ալմուկ փայտէն յենարաններ շինեց՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը համար եւ քնարներ ու տաւիղներ՝ երգեցողներուն համար։ Անկէ յետոյ այսպիսի փայտ ալ բնաւ չեկաւ ու չերեւցաւ մինչեւ այսօր։
13 Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, իր առատաձեռնութեամբ անոր տուածէն զատ։ Եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց։
ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
(Բ Մնաց. 9։13-29)
14 Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկիին կշիռը վեց հարիւր վաթսունվեց տաղանդ էր. 15 Առուտուր ընողներէն ու վաճառականներէն եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներէն ու երկրին նախարարներէն առածէն զատ։
16 Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց։ Ամէն մէկ վահանին համար վեց հարիւր սիկղ ոսկի գնաց։ 17 Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց։ Ամէն մէկ ասպարի երեք մնաս ոսկի գնաց։ Թագաւորը ասոնք Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահը դրաւ։
18 Թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց ու զուտ ոսկիով պատեց զանիկա։ 19 Այս աթոռը վեց աստիճան ունէր ու աթոռին վերի ծայրը ետեւէն բոլորակաձեւ էր եւ նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր։ Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։ 20 Վեց աստիճաններուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ոեւէ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր։
21 Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին։ Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահին բոլոր ամանները զուտ ոսկիէ էին։ Արծաթէ չկար. քանզի արծաթը Սողոմոնին օրերը բանի մը տեղ չէր սեպուեր։ 22 Վասն զի թագաւորը ծովու վրայ Քիրամին նաւերուն հետ Թարսիսցի նաւեր ունէր. Թարսիսցի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով եւ կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային։
23 Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ։ 24 Բոլոր երկիրը կը փափաքէր Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր։ 25 Անոնց ամէնքը ամէն տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ։
26 Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասներկու հազար ձիաւոր ունեցաւ։ Զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց։ 27 Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։ 28 Սողոմոնին ձիերը Եգիպտոսէն կու գային ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէր։ 29 Եգիպտոսէն կառք մը կ’արտածուէր՝ վեց հարիւր արծաթով ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով ու Քետացիներուն բոլոր թագաւորներուն համար ալ անոնց ձեռքով այնպէս կ’արտածուէին։
ՍՈՂՈՄՈՆ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ
11 1 Սողոմոն թագաւորը Փարաւոնին աղջիկէն զատ շատ օտարազգի կիներ, այսինքն Մովաբացի, Ամմոնացի, Եդովմայեցի, Սիդոնացի ու Քետացի կիներ սիրեց. 2 Այն ազգերէն՝ որոնց համար Տէրը Իսրայէլին որդիներուն ըսեր էր. «Անոնց քով մի՛ մտնէք ու անոնք ալ ձեր քով թող չմտնեն, որպէս զի ձեր սրտերը իրենց աստուածներուն չդարձնեն»։ Սողոմոն սիրով անոնց յարեցաւ։ 3 Անիկա եօթը հարիւր իշխանազուն կին ու երեք հարիւր հարճ ունէր ու անոր կիները անոր սիրտը խոտորցուցին։ 4 Սողոմոնին ծերութեան ժամանակը անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր։ 5 Սողոմոն Սիդոնացիներու աստուծոյն Աստարովթին ետեւէն ու Ամմոնացիներուն գարշելի Մեղքոմին ետեւէն գնաց։ 6 Սողոմոն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը ետեւէն իր հօրը Դաւիթին պէս կատարեալ սրտով չգնաց։ 7 Այն ատեն Սողոմոն Երուսաղէմի առջեւի լերանը վրայ Մովաբացիներուն գարշելի Քամովսին համար բարձր տեղ մը շինեց ու Ամմոնացիներուն գարշելի Մողոքին համար ալ։ 8 Իր բոլոր օտարազգի կիներուն համար ալ այնպէս ըրաւ, որոնք իրենց աստուածներուն խունկ կը ծխէին ու զոհ կը մատուցանէին։
9 Տէրը Սողոմոնին բարկացաւ, վասն զի անիկա իր սիրտը խոտորցուց Իսրայէլի Տէր Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցաւ։ 10 Եւ պատուիրեց որ ուրիշ աստուածներու ետեւէն չերթայ. բայց անիկա Տէրոջը պատուէրը չպահեց։ 11 Տէրը Սողոմոնին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն այսպէս ըրիր եւ իմ ուխտս ու քեզի պատուիրած կանոններս չպահեցիր, քու թագաւորութիւնդ անշուշտ քեզմէ պիտի առնեմ ու զանիկա քու ծառայիդ պիտի տամ։ 12 Միայն թէ այս բանը քու օրերուդ մէջ չեմ ըներ՝ քու հօրդ Դաւիթին համար, բայց զանիկա քու որդիիդ ձեռքէն պիտի պատռեմ։ 13 Սակայն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չպատռեմ, հապա իմ ծառայիս Դաւիթին համար ու իմ ընտրած Երուսաղէմիս համար քու որդիիդ ցեղ մը պիտի պահեմ»։
ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ
14 Տէրը Սողոմոնին դէմ թշնամի մը հանեց, այսինքն Եդովմի թագաւորին սերունդէն Եդովմայեցի Ադադը. 15 Վասն զի Դաւիթ Եդովմի մէջ եղած ատենը, երբ Յովաբ զօրագլուխը մեռցուածները թաղելու համար ելաւ ու Եդովմի մէջ բոլոր արուները մեռցուց, 16 (Որովհետեւ Յովաբ բոլոր Իսրայէլի հետ հոն վեց ամիս նստաւ, մինչեւ որ Եդովմայեցիներուն բոլոր արուները մեռցուց,) 17 Այն ատեն Ադադ իր հօրը քանի մը Եդովմայեցի ծառաներու հետ փախաւ, որպէս զի Եգիպտոս երթայ։ Ադադ դեռ պզտիկ տղայ էր։ 18 Անոնք Մադիամէն ելան ու Փառան գացին Փառանէն իրենց հետ մարդիկ առին ու Եգիպտոս գացին Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին, որ անոր տուն տուաւ ու անոր ռոճիկ կապեց ու անոր հող տուաւ։ 19 Ադադ Փարաւոնին առջեւ շատ շնորհք գտաւ ու Փարաւոն իր կնոջ քոյրը, Թահփենէս թագուհիին քոյրը, անոր կնութեան տուաւ։ 20 Թահփենէսի քոյրը Ադադին որդի մը ծնաւ, որ Գանեբաթ կոչուեցաւ ու Թահփենէս զանիկա Փարաւոնին տանը մէջ մեծցուց։ Գանեբաթ Փարաւոնին տունը Փարաւոնին որդիներուն մէջ էր։ 21 Երբ Ադադ Եգիպտոսի մէջ լսեց թէ Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացեր է ու Յովաբ զօրապետը մեռեր է, Ադադ Փարաւոնին ըսաւ. «Արձակէ՛ զիս, որպէս զի իմ երկիրս երթամ»։ 22 Փարաւոն անոր ըսաւ. «Իմ քովս քու ի՞նչդ պակաս է, որ քու երկիրդ երթալ կ’ուզես»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, բանի մը կարօտութիւն չունիմ, բայց անպատճառ արձակէ՛ զիս»։
23 Աստուած անոր դէմ ուրիշ թշնամի մըն ալ հանեց, այսինքն Եղիադայի որդին Ռազոնը, որ իր տիրոջը Սուբայի Ադրազար թագաւորին քովէն փախեր էր։ 24 Անիկա իր քով մարդիկ հաւաքեց եւ գնդապետ եղաւ ու երբ Դաւիթ զանոնք կոտորեց, Դամասկոս գացին ու հոն բնակեցան ու Դամասկոսի մէջ զինք թագաւոր ըրին։ 25 Ուստի Ռազոն Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլին թշնամի եղաւ։ Ադադին ըրած չարութեան պէս Իսրայէլին նեղութիւն կու տար եւ Ասորիներուն վրայ կը թագաւորէր։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻՆ
26 Սողոմոնին ծառան՝ Սարեդայէ Եփրաթացի Նաբատի որդին Յերոբովամն ալ՝ որուն մայրը որբեւայրի կին մըն էր Սարուա անունով, թագաւորին դէմ ելաւ։ 27 Թագաւորին դէմ ելլելուն պատճառը այս էր։ Սողոմոն Մելօնը շինեց եւ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին փլած տեղը գոցեց։ 28 Յերոբովամ խիստ ուժեղ մարդ մըն էր։ Սողոմոն տեսնելով որ անիկա գործունեայ կտրիճ մըն է, զանիկա Յովսէփին տանը բոլոր գործաւորներուն վրայ դրաւ։ 29 Այն ժամանակ երբ Յերոբովամ Երուսաղէմէն դուրս ելաւ ու ճամբուն մէջ Սիլօնացի Աքիա մարգարէն անոր հանդիպեցաւ, անիկա նոր վերարկու մը հագեր էր։ Դաշտին մէջ երկուքը մինակ էին։ 30 Աքիա անոր վրայի նոր վերարկուն բռնեց, զանիկա պատռեց տասներկու կտոր ըրաւ։ 31 Եւ Յերոբովամին ըսաւ. «Տասը կտորը քեզի առ. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա Սողոմոնին ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի պատռեմ ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ 32 Եւ իմ ծառայիս Դաւիթին համար ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրուած Երուսաղէմ քաղաքին համար, ցեղ մը անոր ըլլայ, 33 Որովհետեւ զիս թողուցին ու Սիդոնացիներուն աստուծոյն Աստարովթին եւ Մովաբացիներու աստուծոյն Քամովսին երկրպագութիւն ըրին եւ իմ ճամբաներուս մէջ չքալեցին, որ իր հօրը Դաւիթին պէս իմ առջեւս ուղիղ եղածն ու իմ կանոններս ու պատուիրանքներս գործադրեն։ 34 Սակայն անոր ձեռքէն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չառնեմ ու զանիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իշխան պիտի թողում՝ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահող իմ ընտրած ծառայիս Դաւիթին համար։ 35 Բայց անոր որդիին ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի առնեմ ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ։ 36 Եւ անոր որդիին ցեղ մը պիտի տամ, որպէս զի իմ ծառաս Դաւիթ իմ առջեւս միշտ ճրագ մը ունենայ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար։ 37 Քեզ պիտի առնեմ եւ սրտիդ բոլոր ուզածին պէս թագաւորութիւն պիտի ընես ու Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս։ 38 Եթէ իմ բոլոր պատուիրածներուս հնազանդութիւն ընես ու իմ ճամբաներուս մէջ քալես եւ իմ ծառայիս Դաւիթին ըրածին պէս՝ իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ընես, այն ատեն ես քեզի հետ պիտի ըլլամ ու քեզի մնայուն տուն մը պիտի շինեմ, ինչպէս Դաւիթին շինեցի ու Իսրայէլը քեզի պիտի տամ։ 39 Եւ ասոր համար Դաւիթին սերունդը պիտի չարչարեմ, բայց ոչ՝ միշտ’»։ 40 Սողոմոն Յերոբովամը մեռցնել ուզեց, բայց Յերոբովամ Եգիպտոս փախաւ ու Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորին քով գնաց ու մինչեւ Սողոմոնին մահը Եգիպտոս մնաց։
ՍՈՂՈՄՈՆԻՆ ՄԱՀԸ
(Բ Մնաց. 9։29-31)
41 Սողոմոնին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածներն ու անոր իմաստութիւնը՝ ահա Սողոմոնին պատմութեան գրքին մէջ գրուած են։ 42 Սողոմոնին Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրած օրերը քառասուն տարի եղան։ 43 Ու Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր որդին Ռոբովամ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՑԵՂԵՐԸ Կ’ԱՊԱՍՏԱՄԲԻՆ
(Բ Մնաց. 10։1-19)
12 1 Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց, վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր։ 2 Նաբատեան Յերոբովամ, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած Եգիպտոս կը բնակէր, դեռ Եգիպտոսի մէջ էր, երբ այս բանը լսեց։ 3 Մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին։ Յերոբովամ եւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը եկան ու Ռոբովամին հետ խօսեցան ու ըսին. 4 «Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ։ Դուն հիմա քու հօրդ խիստ ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր ու քեզի ծառայութիւն ընենք»։ 5 Անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք ու երեք օր ետքը ինծի դարձէ՛ք»։ Ժողովուրդը գնաց։
6 Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնին առջեւ կը կայնէին, երբ անիկա ողջ էր ու ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ»։ 7 Անոնք խօսեցան ու ըսին. «Եթէ դուն այսօր այս ժողովուրդին ծառայ ըլլաս ու անոնց ծառայութիւն ընես եւ անոնց բարի խօսքեր ըսելով պատասխան տաս, այն ատեն անոնք քեզի միշտ ծառայ կ’ըլլան»։ 8 Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց ու իր առջեւ կեցող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց 9 Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ, քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին. ‘Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր’»։ 10 Անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին. «‘Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց, բայց դուն մեր վրայէն թեթեւցուր’ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսի՛ր ու անոնց այսպէս ըսէ՛. ‘Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։ 11 Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ’»։
12 Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամին եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ ‘Երրորդ օրը ինծի եկէք’։ 13 Ու թագաւորը ժողովուրդին խստութեամբ պատասխան տուաւ եւ ծերերուն իրեն տուած խրատը մերժելով, 14 Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ»։ 15 Թագաւորը ժողովուրդին խօսքին մտիկ չըրաւ, վասն զի այս բանը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիային միջոցով Նաբատեան Յերոբովամին ըսած խօսքը հաստատէ։ 16 Երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ թէ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք Դաւիթին քով ի՞նչ բաժին ունինք ու Յեսսէի որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, ձեր վրանները դարձէք։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգայ»։ Իսրայելացիները իրենց վրանները գացին։ 17 Բայց Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։ 18 Ռոբովամ թագաւորը երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, բոլոր Իսրայէլ զանիկա քարերով քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի։ 19 Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթին տանը դէմ ապստամբեցաւ։
20 Բոլոր Իսրայէլ Յերոբովամին դառնալը լսելով՝ մարդ ղրկեցին ու զանիկա ժողովի կանչեցին եւ զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրին ու Յուդայի ցեղէն զատ Դաւիթին տանը ուրիշ հետեւող մը չկար։ 21 Ռոբովամ Երուսաղէմ մտաւ ու բոլոր Յուդայի տունէն ու Բենիամինի ցեղէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որ Իսրայէլի տանը հետ պատերազմին ու թագաւորութիւնը Սողոմոնի որդիին Ռոբովամին դարձնեն։
ՍԵՄԱՅԻԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ
(Բ Մնաց. 11։1-4)
22 Բայց Աստուած խօսեցաւ Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ ըսելով. 23 «Սողոմոնի որդիին՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու բոլոր Յուդայի տանը ու Բենիամինին եւ մնացորդ ժողովուրդին խօսիր ու ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 24 ‘Մի՛ ելլէք ու Իսրայէլի որդիներուն, ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ. վասն զի այս բանը ինձմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Տէրոջը ըսածին պէս ետ դարձան։
ՅԵՐՈԲՈՎԱՄ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ
25 Յերոբովամ Եփրեմին լերանը վրայ Սիւքէմը շինեց ու հոն բնակեցաւ։ Անկէ ելաւ, Փանուէլը շինեց։ 26 Յերոբովամ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Հիմա թագաւորութիւնը Դաւիթին տանը պիտի դառնայ։ 27 Եթէ այս ժողովուրդը Երուսաղէմ Տէրոջը տունը ելլէ զոհ ընելու համար, այն ատեն այս ժողովուրդին սիրտը իրենց տիրոջը՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին՝ պիտի դառնայ եւ զիս պիտի մեռցնեն ու Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին պիտի դառնան»։ 28 Թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու երկու հատ ոսկիէ հորթ շինեց ու անոնց ըսաւ. «Ասկէ յետոյ Երուսաղէմ պէտք չէ ելլէք, ո՛վ Իսրայէլ, ահա քու աստուածներդ՝ որոնք քեզ Եգիպտոսէն հանեցին»։ 29 Մէկը Բեթէլի մէջ դրաւ ու միւսն ալ Դանի մէջ դրաւ։ 30 Այս բանը մեղքի պատճառ եղաւ. վասն զի ժողովուրդը մինչեւ Դան կ’երթար այս հորթերէն մէկուն առջեւ երկրպագութիւն ընելու համար։ 31 Բարձր տեղերու վրայ կռատուններ շինեց ու ժողովուրդին ցած մարդոցմէն քուրմեր նշանակեց, որոնք Ղեւիի որդիներէն չէին։
ԲԵԹԷԼԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
32 Ու Յերոբովամ ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Յուդայի մէջ պահուած տօնին պէս սահմանեց ու սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց։ Բեթէլի մէջ այսպէս ըրաւ ու իր շինած հորթերուն զոհեր մատուցանեց եւ բարձր տեղերուն համար նշանակած քուրմերը Բեթէլի մէջ դրաւ։ 33 Ու իր մտքէն հնարած ամսուան մէջ, այսինքն ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Բեթէլի մէջ իր շինած սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն տօն սահմանեց։ Սեղանին վրայ զոհեր մատուցանելով խունկ ծխեց։
13 1 Երբ Յերոբովամ խունկ ծխելու համար սեղանին քով կը կենար, ահա Աստուծոյ մարդ մը Տէրոջը խօսքովը Յուդայէն Բեթէլ եկաւ։ 2 Տէրոջը խօսքովը սեղանին դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ սեղան, ո՛վ սեղան, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա Դաւիթին տանը որդի մը պիտի ծնանի Յովսիա անունով եւ քու վրադ խունկ ծխող բարձր տեղերուն քուրմերը քու վրադ պիտի զոհէ ու քու վրադ մարդոց ոսկորները պիտի այրեն’»։ 3 Նոյն օրը նշան մը տալով՝ ըսաւ. «Տէրոջը խօսելուն նշանը այս է. ‘Ահա սեղանը պիտի ճեղքուի ու վրայի մոխիրը պիտի թափի’»։
4 Երբ թագաւորը Աստուծոյ մարդուն Բեթէլի մէջ սեղանին համար ըսուած խօսքը լսեց, Յերոբովամ սեղանին վրայէն ձեռքը երկնցուց ու ըսաւ. «Այս մարդը բռնեցէ՛ք» եւ անոր վրայ երկնցուցած ձեռքը չորցաւ ու զանիկա չկրցաւ ետ քաշել։ 5 Աստուծոյ մարդուն Տէրոջը խօսքովը տուած նշանին պէս՝ սեղանը ճեղքուեցաւ ու մոխիրը սեղանէն թափուեցաւ։ 6 Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ աղաչէ՛ ու ինծի համար աղօթք ըրէ՛, որ ձեռքս ինծի դառնայ»։ Այն ատեն Աստուծոյ մարդը Տէրոջը աղաչեց եւ թագաւորին ձեռքը իրեն դարձաւ ու առաջուան պէս եղաւ։ 7 Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Ինծի հետ տուն եկուր եւ քիչ մը կերակուր կե՛ր ու քեզի պարգեւ տամ»։ 8 Աստուծոյ մարդը թագաւորին ըսաւ. «Եթէ ինծի քու տանդ կէսն ալ տաս, քեզի հետ պիտի չգամ ու այստեղ հաց պիտի չուտեմ, ո՛չ ալ ջուր պիտի խմեմ, 9 Վասն զի Տէրը իր խօսքովը ինծի այսպէս պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Հաց չուտես ու ջուր չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս’»։ 10 Ուստի անիկա ուրիշ ճամբով գնաց ու Բեթէլ եկած ճամբովը չդարձաւ։
ԲԵԹԷԼԻ ԾԵՐ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
11 Բեթէլի մէջ ծեր մարգարէ մը կը բնակէր։ Անոր որդիները եկան ու Աստուծոյ մարդուն նոյն օրը Բեթէլի մէջ բոլոր ըրած գործերը անոր պատմեցին եւ անիկա թագաւորին ինչ խօսքեր որ ըսեր էր՝ զանոնք ալ իրենց հօրը յայտնեցին։ 12 Անոնց հայրը անոնց ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն գնաց»։ Անոր որդիները Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն գացած ճամբան տեսեր էին։ 13 Իր որդիներուն ըսաւ. «Էշը պատրաստեցէ՛ք ինծի»։ Անոնք անոր համար էշը պատրաստեցին։ Անիկա վրան հեծաւ 14 Եւ Աստուծոյ մարդուն ետեւէն գնաց ու զանիկա բեւեկնիի մը տակ նստած գտաւ ու անոր ըսաւ. «Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ 15 Ծերը անոր ըսաւ. «Ինծի հետ տուն եկո՛ւր ու հաց կե՛ր»։ 16 Մարդը ըսաւ. «Քեզի հետ չեմ կրնար դառնալ ու քու տունդ մտնել, ո՛չ ալ այստեղ քեզի հետ հաց պիտի ուտեմ, ջուր ալ պիտի չխմեմ 17 Վասն զի Տէրոջը խօսքովը ինծի ըսուեցաւ. ‘Հոն հաց չուտես, ջուր ալ չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս’»։ 18 Բայց ծերը ըսաւ անոր. «Ես ալ քեզի պէս մարգարէ եմ ու հրեշտակ մը ինծի հետ Տէրոջը խօսքովը խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա քեզի հետ քու տունդ դարձո՛ւր, որպէս զի հաց ուտէ ու ջուր խմէ’». սակայն սուտ խօսեցաւ։
19 Այն ատեն Աստուծոյ մարդը անոր հետ դարձաւ եւ անոր տունը հաց կերաւ ու ջուր խմեց։ 20 Երբ անոնք սեղան նստեր էին, Տէրոջը խօսքը ծեր մարգարէին եղաւ 21 Ու անիկա Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ըրիր ու քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած պատուէրը չպահեցիր 22 Եւ դարձար ու հաց կերար ու ջուր խմեցիր այնտեղը որու համար քեզի ըսած էի, որ հաց չուտես ու ջուր չխմես, քու մեռելդ քու հայրերուդ գերեզմանը պիտի չմտնէ’»։
23 Հաց ուտելէն ու ջուր խմելէն ետքը ծերը իր ետ դարձուցած մարգարէին էշը պատրաստեց. 24 Ան ալ գնաց ու ճամբուն մէջ առիւծ մը գտաւ զանիկա ու մեռցուց։ Անոր մեռելը ճամբուն վրայ փռուած մնաց ու էշը անոր քով կեցեր էր։ Առիւծն ալ անոր քով կեցեր էր։ 25 Ահա անկէ քանի մը մարդիկ անցնելով՝ ճամբուն վրայ փռուած մեռելը ու մեռելին քով կեցող առիւծը տեսան ու գացին այն ծեր մարգարէին քաղաքը պատմեցին։ 26 Ծեր մարգարէն, որ սպաննուած մարդը ճամբայէն դարձուցած էր, երբ լսեց՝ ըսաւ. «Անիկա Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ընող Աստուծոյ մարդն է ու Տէրը զանիկա առիւծին տուեր է որ զանիկա պատառելով մեռցուցեր է, Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ»։ 27 Եւ իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ինծի համար էշը պատրաստեցէ՛ք»։ Անոնք պատրաստեցին։ 28 Գնաց անոր մեռելը գտաւ, որ ճամբուն վրայ փռուած էր ու էշը եւ առիւծը մեռելին քով կեցեր էին։ Առիւծը մեռելը կերած չէր, ո՛չ ալ էշը պատառեր էր։ 29 Ծեր մարգարէն Աստուծոյ մարդուն մեռելը վերցուց ու զանիկա իշուն վրայ դրաւ ու զանիկա դարձուց։ Ծեր մարգարէն քաղաքը մտաւ, որպէս զի ողբ ընէ ու զանիկա թաղէ։ 30 Անոր մեռելը իր գերեզմանին մէջ դրաւ՝ «Վա՜յ, եղբայր», ըսելով ու անոր վրայ ողբ ըրին։ 31 Զանիկա թաղելէն ետքը իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երբ ես մեռնիմ, զիս Աստուծոյ մարդուն թաղուած գերեզմանին մէջ թաղեցէ՛ք, իմ ոսկորներս անոր ոսկորներուն քով դրէք. 32 Վասն զի Բեթէլի մէջ եղող սեղանին համար ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ եղող բոլոր բարձր տեղերու կռատուններուն համար անոր Տէրոջը կողմէ ըսուած խօսքը անպատճառ պիտի կատարուի»։
ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄԵՂՔԸ
33 Այս բանէն յետոյ Յերոբովամ իր չար ճամբայէն չդարձաւ եւ նորէն ժողովուրդին ցած մարդոցմէն բարձր տեղերուն քուրմեր կը նշանակէր։ Ամէն ուզողը կ’օրհնէր, որպէս բարձր տեղերուն քուրմը։ 34 Այս բանը Յերոբովամին տանը մեղքի պատճառ, նաեւ անոր երկրի երեսէն կորսուելուն ու բնաջինջ ըլլալուն պատճառը եղաւ։
ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻՆ ԶԱՒԿԻՆ ՄԱՀԸ
14 1 Այն ատեն Յերոբովամի որդին Աբիան հիւանդացաւ։ 2 Ու Յերոբովամ իր կնոջ ըսաւ. «Ելի՛ր, կերպարանքդ փոխէ՛, այնպէս որ Յերոբովամին կինը ըլլալդ չգիտցուի ու Սելով գնա՛։ Աքիա մարգարէն հոն է, անիկա էր որ ինծի համար ըսաւ թէ այս ժողովուրդին վրայ թագաւոր պիտի ըլլամ։ 3 Ձեռքդ տասը հաց եւ բլիթներ ու մէկ սափոր մեղր ա՛ռ ու անոր գնա՛։ Անիկա քեզի պիտի յայտնէ ինչ որ տղուն պիտի պատահի»։ 4 Յերոբովամին կինը այնպէս ըրաւ ու ելաւ Սելով գնաց, Աքիային տունը մտաւ։ Աքիային աչքերը ծերութենէն տկարացեր էին ու չէր կրնար տեսնել։
5 Եւ Տէրը Աքիային ըսաւ. «Ահա Յերոբովամին կինը իր տղուն համար քեզի հարցնելու կու գայ, վասն զի անիկա հիւանդ է։ Անոր այսպէս ու այսպէս ըսէ։ Անիկա գալու ատենը անծանօթ կերպարանքով պիտի գայ»։ 6 Երբ կինը դռնէն ներս կը մտնէր, Աքիա անոր ոտքերուն ձայնը լսածին պէս ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամի կին, եկո՛ւր. դուն ինչո՞ւ այդպիսի անծանօթ կերպարանք առեր ես. բայց ես քեզի տխուր լուր մը տալու ղրկուեցայ։ 7 Գնա՛, Յերոբովամին ըսէ. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ ժողովուրդին մէջէն բարձրացուցի ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըրի 8 Եւ թագաւորութիւնը Դաւիթին տունէն պատռեցի ու զանիկա քեզի տուի, բայց դուն իմ պատուիրանքներս պահող ու իմ առջեւս ուղղութիւն ընելու համար իր բոլոր սրտովը ինծի հնազանդ եղող իմ Դաւիթ ծառայիս պէս չեղար. 9 Մանաւանդ բոլոր քեզմէ առաջ եղողներէն աւելի չարութիւն ըրիր ու զիս բարկացնելու համար գացիր քեզի ուրիշ աստուածներ ու ձուլածոյ կուռքեր շինեցիր ու զիս ետիդ նետեցիր։ 10 Ասոր համար ահա Յերոբովամին տանը վրայ չարիք պիտի բերեմ ու Յերոբովամին բոլոր այր մարդիկը ու նաեւ Իսրայէլի մէջ գտնուող գերին ու ազատը պիտի կոտորեմ եւ Յերոբովամին տունը պիտի աւլեմ՝ ինչպէս աղբը կ’աւլեն, մինչեւ որ հատնի։ 11 Յերոբովամէն քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն, քանզի Տէրը խօսեցաւ»’։ 12 Եւ դուն ելի՛ր, քու տունդ գնա՛։ Երբ քու ոտքերդ քաղաք մտնեն, տղան պիտի մեռնի 13 Ու բոլոր Իսրայէլ ողբալով զանիկա պիտի թաղեն, վասն զի Յերոբովամէն միայն անիկա գերեզման պիտի մտնէ. որովհետեւ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն առջեւ Յերոբովամի տանը մէջ բարի բան մը միայն անոր վրայ գտնուեցաւ։ 14 Տէրը իրեն համար Իսրայէլի վրայ թագաւոր մը պիտի հանէ, որ նոյն օրը Յերոբովամին տունը ու ի՛նչ որ մնայ պիտի կոտորէ։ 15 Եւ Տէրը ջուրերու մէջ եղող շարժուն եղէգի պէս Իսրայէլը արմատէն պիտի խլէ այս բարի երկրին երեսէն, որ անոնց հայրերուն տուեր էր ու զանոնք Գետին անդիի կողմը պիտի ցրուէ, որովհետեւ Տէրը բարկացնելով՝ իրենց Աստարովթի կուռքեր շինեցին 16 Եւ Իսրայէլը երեսէ պիտի ձգէ, Յերոբովամին ըրած մեղքերուն համար ու Իսրայէլին ալ մեղանչել տալուն համար»։
17 Այն ատեն Յերոբովամին կինը ելաւ գնաց ու Թերսա մտաւ։ Ան տանը դռնէն ներս մտածին պէս՝ տղան մեռաւ։ 18 Զանիկա թաղեցին ու բոլոր Իսրայէլ անոր վրայ ողբաց Տէրոջը խօսքին համար, որ իր ծառային Աքիա մարգարէին միջոցով խօսեր էր։
ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻՆ ՄԱՀԸ
19 Ու Յերոբովամին մնացորդ պատմութիւնը՝ թէ ի՛նչպէս պատերազմ ըրաւ եւ թէ ի՛նչպէս թագաւորեց, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ 20 Յերոբովամին թագաւորութիւն ըրած օրերը քսանըերկու տարի եղան ու իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անոր տեղ անոր որդին Նադաբ թագաւոր եղաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՌՈԲՈՎԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
(Բ Մնաց. 11։5–12։15)
21 Սողոմոնին որդին Ռոբովամ Յուդայի մէջ թագաւորեց։ Ռոբովամ քառասունըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ եւ տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ, որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց իր անունը հոն դնելու համար։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։ 22 Յուդայեաններն ալ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու իրենց ըրած մեղքերովը իրենց հայրերուն բոլոր ըրածէն աւելի զանիկա բարկացուցին։ 23 Անոնք ալ բոլոր բարձր բլուրներուն վրայ ու կանանչ ծառերուն տակ բարձր տեղեր ու արձաններ եւ Աստարովթի կուռքեր շինեցին 24 Ու երկրի մէջ Սոդոմական մեղք գործողներ ալ կային, որոնք Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն բոլոր գարշելի բաներուն նման կ’ընէին։
25 Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ։ 26 Տէրոջը տանը գանձերը ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ. բոլորն ալ առաւ. Սողոմոնին շինած բոլոր ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։ 27 Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։ 28 Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար՝ սուրհանդակները զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։ 29 Ռոբովամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ 30 Ռոբովամին եւ Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։ 31 Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։ Անոր տեղ իր որդին Աբիա թագաւոր եղաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱԲԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
(Բ Մնաց. 13։1–14։1)
15 1 Նաբատեան Յերոբովամին թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին՝ Աբիա Յուդայի վրայ թագաւորեց։ 2 Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մաաքա էր, որ Աբիսողոմին աղջիկն էր։ 3 Անիկա իրմէ առաջ իր հօրը ըրած բոլոր մեղքերուն հետեւեցաւ ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր։ 4 Բայց Դաւիթին սիրոյն համար անոր Տէր Աստուածը Երուսաղէմի մէջ անոր ճրագ մը տուաւ, անկէ ետքը անոր որդին նստեցնելով ու Երուսաղէմը հաստատելով, 5 Որովհետեւ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ բնաւ անոր պատուիրանքներէն չխոտորեցաւ՝ Քետացի Ուրիային խնդրէն զատ։ 6 Ռոբովամին ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար՝ անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։
7 Աբիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներուն գրքին մէջ գրուած է։ Աբիային ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար։ 8 Աբիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ասա թագաւոր եղաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՍԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
(Բ Մնաց. 15։16–16։6)
9 Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսաներորդ տարին Ասա Յուդայի վրայ թագաւոր եղաւ։ 10 Երուսաղէմի մէջ քառասունըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մաաքա էր, որ Աբիսողոմին աղջիկն էր։ 11 Ասա իր հօրը Դաւիթին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւնը ըրաւ։ 12 Սոդոմական մեղք գործողները երկրէն վերցուց եւ իր հայրերուն շինած բոլոր կուռքերը բնաջինջ ըրաւ։ 13 Իր մայրը Մաաքան տիկնութենէ հանեց, քանզի անիկա Աստարովթի կուռք մը շիներ էր։ Ասա անոր կուռքը կոտրտեց ու Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց։ 14 Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան, սակայն Ասային սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը հետ կատարեալ էր։ 15 Իր հօրը նուիրած բաներն ու իր նուիրած բաները՝ արծաթն ու ոսկին ու անօթները Տէրոջը տունը տարաւ։
16 Ասային ու Իսրայէլի Բաասա թագաւորին մէջտեղ, անոնց բոլոր օրերուն մէջ, պատերազմ կար։ 17 Իսրայէլի թագաւորը Բաասա Յուդային դէմ ելաւ եւ Ռաման շինեց, որպէս զի Յուդայի Ասա թագաւորին դէմ ելլող մտնող մարդ մը չթողու։ 18 Ուստի Ասա Տէրոջը տանը գանձերուն մէջ ու թագաւորական տանը գանձերուն մէջ մնացած բոլոր արծաթն ու ոսկին առաւ եւ իր ծառաներուն ձեռքը տուաւ ու Ասա թագաւորը Դամասկոս բնակող Ասորիներուն թագաւորին, Էզիոնի որդիին Տաբրեմոնի որդիին Բենադադին ղրկեց զանոնք ու ըսաւ. 19 «Իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հօրս ու քու հօրդ մէջտեղ դաշնակցութիւն կայ։ Ահա քեզի արծաթ ու ոսկի ընծայ ղրկեցի. աղէ՜, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշնակցութիւնդ աւրէ՛, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի»։ 20 Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքին մտիկ ըրաւ, իր զօրքերուն իշխանները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց ու Իյօնը, Դանը, Աբէլ–Բեթմաաքան ու բոլոր Քեներեթն ու բոլոր Նեփթաղիմի երկիրը զարկաւ։ 21 Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու Թերսայի մէջ նստաւ։ 22 Այն ատեն Ասա թագաւորը բոլոր Յուդայի մարդիկը կանչեց առանց մէկը ձգելու, որոնք Բաասային շինած Ռամային քարերն ու փայտերը վերցուցին եւ Ասա թագաւորը անոնցմով Բենիամինի Գաբան ու Մասփան շինեց։
23 Ասային բոլոր մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր զօրութիւնն ու բոլոր ըրածը եւ անոր շինած քաղաքները ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են. բայց անիկա իր ծերութեան ատենը ոտքերու ցաւ ունէր։ 24 Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՆԱԴԱԲ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
25 Յուդայի Ասա թագաւորին երկրորդ տարին Յերոբովամին որդին Նադաբ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ։ Անիկա Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 26 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր հօրը ճամբուն մէջ քալեց ու անոր ըրած մեղքին մէջ՝ որով Իսրայէլին մեղանչել տուաւ։ 27 Իսաքարին տունէն Աքիային որդին Բաասան անոր դէմ գլուխ վերցուց։ Բաասան զանիկա Փղշտացիներուն Գաբաթոնին քով զարկաւ, երբ Նադաբ բոլոր Իսրայէլի հետ Գաբաթոնը պաշարեր էր։ 28 Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին Բաասան մեռցուց զանիկա ու անոր տեղ թագաւոր եղաւ։ 29 Եւ ինք թագաւոր եղածին պէս Յերոբովամին բոլոր տունը զարկաւ ու Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ իր ծառային Սիլօնացի Աքիա մարգարէին միջոցով խօսեր էր՝ Յերոբովամէն ո՛չ մէկ շնչաւոր ողջ թողուց ու անոնք բնաջինջ ըրաւ 30 Յերոբովամին մեղքերուն համար՝ որոնցմով մեղանչեր էր ու Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացնելով։ 31 Նադաբին մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 32 Ասային ու Իսրայէլի Բաասա թագաւորին մէջտեղ, անոնց բոլոր օրերուն մէջ, պատերազմ կար։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԲԱԱՍԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
33 Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին Աքիային որդին Բաասան Թերսայի մէջ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու քսանըչորս տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 34 Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Յերոբովամին ճամբուն մէջ քալեց եւ անոր մեղքի մէջ՝ որով անիկա Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր։
16 1 Բաասային համար Տէրոջը խօսքը Անանիին որդիին Յէուին եղաւ՝ ըսելով. 2 «Թէեւ քեզ փոշիէն բարձրացուցի ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին վրայ իշխան դրի, բայց դուն Յերոբովամին ճամբան գացիր ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին մեղանչել տուիր ու անոնց մեղքերովը զիս բարկացուցիր. 3 Ուստի ահա ես Բաասան ու անոր տունը բնաջինջ պիտի ընեմ եւ քու տունդ Նաբատեան Յերոբովամին տանը պէս պիտի ընեմ։ 4 Բաասայէն քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն»։
5 Բաասային մնացորդ պատմութիւնը ու անոր ըրածն ու զօրութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 6 Բաասան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Թերսայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Էլա թագաւոր եղաւ։ 7 Նաեւ Անանիին որդիին Յէու մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ Բաասային ու անոր տանը վրայ այն ամէն չարիքներուն համար, որոնք ինք Տէրոջը առջեւ ըրած էր, իր ձեռքերուն գործովը զանիկա բարկացնելով ու Յերոբովամին տանը պէս ըլլալով, նաեւ զանիկա մեռցնելուն համար։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԷԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
8 Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըվեցերորդ տարին Բաասային որդին Էլա Թերսայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 9 Անիկա երբ Թերսայի տանը հազարապետին Արսային տունը խմեր ու գինովցեր էր, անոր ծառան Զամբրին, որ անոր կառքերուն կէսին վրայ իշխան էր, անոր դէմ գլուխ վերցուց։ 10 Զամբրին ներս մտնելով՝ զանիկա զարկաւ մեռցուց եւ անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին։ 11 Երբ թագաւոր եղաւ ու իր աթոռը նստաւ, իսկոյն Բաասային բոլոր տունը թէ՛ անոր ազգականները եւ թէ՛ բարեկամները, մեռցուց ու մէ՛կ այր մարդ ողջ չթողուց։ 12 Ու Զամբրի Բաասային բոլոր տունը բնաջինջ ըրաւ, Բաասային վրայով Յէու մարգարէին միջոցովը Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ, 13 Բաասային բոլոր մեղքերուն համար ու անոր որդիին Էլային մեղքերուն համար, որոնցմով իրենք մեղանչեցին եւ Իսրայէլին մեղանչել տուին ու իրենց սնապաշտութիւններովը Իսրայէլին Տէր Աստուածը բարկացուցին։
14 Էլային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր ըրածը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԶԱՄԲՐԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
15 Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին Զամբրին Թերսայի մէջ եօթը օր թագաւորութիւն ըրաւ. բայց ժողովուրդը Փղշտացիներուն Գաբաթոնին դէմ բանակեր էր։ 16 Բանակին մէջ եղող ժողովուրդը լսելով որ Զամբրին գլուխ վերցուցեր է ու թագաւորը մեռցուցեր է, նոյն օրը բոլոր Իսրայէլ՝ բանակին մէջ Ամրի զօրավարը Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըրին։ 17 Եւ Ամրի ու անոր հետ եղող բոլոր Իսրայէլ Գաբաթոնէն ելան ու Թերսան պաշարեցին։ 18 Ու երբ Զամբրին քաղաքին առնուիլը տեսաւ թագաւորական տանը ներսի կողմը մտաւ եւ իր վրայ թագաւորական տունը կրակով այրեց ու մեռաւ։ 19 Իր գործած մեղքերուն համար, որոնցմով Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու քալեց Յերոբովամին ճամբուն մէջ ու անոր ըրած մեղքին մէջ, որով անիկա Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր։
20 Եւ Զամբրիին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ըրած դաւաճանութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԱՄՐԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
21 Այն ատեն Իսրայէլի ժողովուրդը երկուքի բաժնուեցաւ։ Ժողովուրդին կէսը Գինաթի որդիին Թաբնիին ետեւէն գնաց, որպէս զի զանիկա թագաւոր ընեն ու կէսն ալ Ամրիին ետեւէն գնաց։ 22 Ամրիին ետեւէն գացող ժողովուրդը Գինաթեան Թաբնիին ետեւէն գացող ժողովուրդէն զօրաւոր գտնուեցաւ։ Թաբնին մեռաւ եւ Ամրին թագաւոր եղաւ։ 23 Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունըմէկերորդ տարին Ամրի Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու տասներկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Վեց տարի Թերսայի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ 24 Սամերէն երկու տաղանդ արծաթով Սամարիայի լեռը ծախու առաւ ու լերան վրայ քաղաք մը շինեց եւ շինած քաղաքին անունը այն լերանը տիրոջը Սամերին անունով Սամարիա կոչեց։
25 Ամրին Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ եւ բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի չար եղաւ. 26 Քանզի անիկա Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր ճամբուն մէջ քալեց ու անոր մեղքին մէջ, որով Իսրայէլին մեղանչել տուաւ, այնպէս որ իրենց սնապաշտութիւններովը Իսրայէլին Տէր Աստուածը բարկացուցին։
27 Ամրիին ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ունեցած զօրութիւնը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 28 Եւ Ամրի իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Աքաաբ թագաւոր եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԱՔԱԱԲ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
29 Եւ Ամրիին որդին Աքաաբ Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունըութերորդ տարին Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ։ Ամրիին որդին Աքաաբ Իսրայէլի վրայ Սամարիայի մէջ քսանըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 30 Ամրիին որդին Աքաաբ բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ 31 Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն մէջ քալելը անոր առջեւ ոչինչ բան մը սեպուելով, Սիդոնացիներուն Եթբաաղ թագաւորին աղջիկը Յեզաբէլը կնութեան առաւ եւ գնաց Բահաղին ծառայութիւն ըրաւ ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ 32 Սամարիայի մէջ՝ իր շինած Բահաղի տանը մէջ Բահաղի սեղան մը կանգնեցուց։ 33 Աքաաբ Աստարովթի կուռք մը շինեց եւ Աքաաբ իր ըրած գործերովը իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի բոլոր թագաւորներէն աւելի Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացուց։
34 Անոր օրերը Բեթելացի Յիէլ Երիքովը շինեց ու իր անդրանիկ տղուն Աբիրոնովի գնով անոր հիմը դրաւ եւ իր պզտիկ տղուն Սեգուրովի գնով անոր դռները կանգնեցուց՝ Նաւեան Յեսուին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ։
ԵՂԻԱ ԵՒ ԵՐԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
17 1 Գաղաադի բնակիչ Թեզբացի Եղիան Աքաաբին ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այս տարիներուն մէջ ցօղ ու անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս»։
2 Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. 3 «Ասկէ գնա՛ ու դէպի արեւելք դառնալով՝ Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով պահուէ՛։ 4 Դուն այն հեղեղատէն ջուր պիտի խմես ու ագռաւներուն հրամայեր եմ որ հոն քեզ կերակրեն»։ 5 Անիկա գնաց ու Տէրոջը ըսածին պէս ըրաւ ու գնաց Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով նստաւ։ 6 Ագռաւները առտուն անոր հաց ու միս ու իրիկունն ալ հաց ու միս կը բերէին ու անիկա հեղեղատէն ջուր կը խմէր։ 7 Ժամանակ մը ետքը հեղեղատը ցամքեցաւ, վասն զի երկրին վրայ անձրեւ չեկաւ։
ԵՂԻԱ ԵՒ ՈՐԲԵՒԱՐԻՆ ՍԱՐԵՓԹԱՅԻ ՄԷՋ
8 Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. 9 «Ելի՛ր, Սիդոնացիներու Սարեփթան գնա ու հոն նստէ՛։ Ահա հոն որբեւայրի կնոջ մը հրամայեր եմ, որ քեզ կերակրէ»։ 10 Անիկա ելաւ Սարեփթա գնաց ու քաղաքին դուռը հասնելով՝ տեսաւ որ որբեւայրի կին մը փայտ կը հաւաքէր։ Զանիկա կանչեց ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ինծի ամանով քիչ մը ջուր բեր, որպէս զի խմեմ»։ 11 Երբ անիկա բերելու գնաց, Եղիա անոր ետեւէն կանչեց ու ըսաւ. «Ձեռքդ պատառ մըն ալ հաց ա՛ռ ու ինծի բե՛ր»։ 12 Կինը ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ նկանակ չունիմ, բայց միայն կարասին մէջ մէկ բուռի չափ ալիւր կայ ու կուժին մէջ ալ քիչ մը իւղ կայ։ Ահա երկու կտոր փայտ կը հաւաքեմ, որպէս զի երթամ զանիկա ինծի ու իմ տղուս համար եփեմ եւ ուտենք ու ետքը մեռնինք»։ 13 Եղիա անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, գնա՛ ըսածիդ պէս ըրէ. բայց անկէ նախ ինծի համար պզտիկ շօթ մը շինէ՛ ու ինծի բե՛ր եւ քեզի ու քու տղուդ համար ետքը շինէ, 14 Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Կարասէն ալիւրը պիտի չհատնի ու կուժէն իւղը պիտի չպակսի՝ մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը երկրի վրայ անձրեւ տայ’»։ 15 Կինը գնաց ու Եղիային ըսածին պէս ըրաւ ու անիկա եւ ինք ու իր ընտանիքը երկար ատեն կերան։ 16 Կարասէն ալիւրը չհատաւ ու կուժէն իւղը չպակսեցաւ, Տէրոջը՝ Եղիային միջոցով ըսած խօսքին համեմատ։
17 Այս բաներէն ետքը տանը տիկնոջ տղան հիւանդացաւ։ Անոր հիւանդութիւնը շատ ծանր էր, այնպէս որ անոր վրայ շունչ չմնաց։ 18 Կինը Եղիային ըսաւ. «Մա՛րդ Աստուծոյ, ինծի հետ ի՞նչ ունիս. միթէ իմ մեղքս յիշեցնելո՞ւ ու իմ տղաս մեռցնելո՞ւ համար ինծի եկար»։ 19 Անիկա ըսաւ. «Տղադ ինծի տուր»։ Զանիկա անոր ծոցէն առաւ եւ իր բնակած վերնատունը հանեց ու զանիկա իր անկողնին մէջ պառկեցուց։ 20 Ապա Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, իրաւցնէ այս որբեւայրի կի՞նն ալ, որուն քով ես պանդխտութեամբ կը բնակիմ, չարչարեցիր՝ անոր տղան մեռցնելով»։ 21 Տղուն վրայ երեք անգամ երկննալով ու Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, կ’աղաչեմ այս տղուն հոգին իր մարմնին թող դառնայ»։ 22 Տէրը Եղիային ձայնը լսեց ու տղուն հոգին իր մարմնին դարձաւ եւ անիկա կենդանացաւ։ 23 Եղիան տղան առաւ ու զանիկա վերնատունէն իջեցուց եւ անոր մօրը տուաւ։ Եղիա ըսաւ. «Նայէ՛, տղադ կենդանի է»։ 24 Կինը Եղիային ըսաւ. «Հիմա գիտցայ թէ դուն Աստուծոյ մարդն ես ու քու բերնիդ մէջ Տէրոջը խօսքը ճշմարիտ է»։
ԵՂԻԱ ԵՒ ԲԱՀԱՂԻ ՍԱՐԳԱՐԷՆԵՐԸ
18 1 Շատ օրեր անցնելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը երրորդ տարուան մէջ Եղիային եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, Աքաաբին երեւցի՛ր ու երկրի վրայ անձրեւ պիտի տամ»։ 2 Եղիա Աքաաբին երեւնալու գնաց։ Սամարիայի մէջ սաստիկ սով կար։
3 Աքաաբ իր տանը տնտեսը Աբդիան կանչեց. (Աբդիան Տէրոջմէն շատ կը վախնար 4 Ու երբ Յեզաբէլ Տէրոջը մարգարէները ջարդեց, Աբդիա հարիւր մարգարէ առաւ ու զանոնք, յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեց ու զանոնք հացով ու ջրով կերակրեց։) 5 Եւ Աքաաբ ըսաւ Աբդիային. «Եկո՛ւր, այս երկրին մէջ եղած բոլոր ջուրի աղբիւրներուն ու բոլոր հեղեղատներուն քովերը պտըտինք. կարելի է խոտ գտնենք եւ ձիերն ու ջորիները ապրեցնենք ու բոլոր անասունները չկորսնցնենք»։ 6 Անոնք երկիրը իրենց մէջ բաժնեցին պտըտելու համար. Աքաաբ մէկ ճամբայէ մինակ գնաց ու Աբդիա ուրիշ ճամբայէ մինակ գնաց։
7 Երբ Աբդիա ճամբուն մէջ էր, ահա Եղիան անոր դէմ ելաւ։ Աբդիա զանիկա ճանչցածին պէս իր երեսին վրայ ինկաւ ու ըսաւ. «Արդեօք իմ տէրս՝ Եղիան՝ դո՞ւն ես»։ 8 Եղիա անոր ըսաւ. «Ես եմ. գնա՛ քու տիրոջդ ըսէ, թէ ‘Ահա Եղիան կու գայ’»։ 9 Անիկա ըսաւ. «Ես ի՞նչ մեղք գործեր եմ, որ դուն քու ծառադ Աքաաբին ձեռքը կը մատնես, որպէս զի զիս մեռցնէ։ 10 Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ ազգ մը կամ թագաւորութիւն մը չմնաց, ուր իմ տէրս քեզ փնտռելու համար մարդ ղրկած չըլլայ ու երբ ‘Չկայ’ ըսին, այն թագաւորութեան կամ այն ազգին երդում ընել տուաւ՝ որ քեզ գտած չեն։ 11 Եւ հիմա դուն կ’ըսես. ‘Գնա՛ քու տիրոջդ ըսէ թէ «Ահա Եղիան կու գայ»’ 12 Ու կրնայ ըլլալ, որ քու քովէդ երթալէս ետքը՝ Տէրոջը հոգին քեզ անծանօթ տեղ մը փոխադրէ ու ես գացած Աքաաբին պատմած ըլլալով, երբ քեզ չգտնէ, զիս պիտի մեռցնէ, թէեւ ես՝ քու ծառադ՝ տղայութենէս ի վեր Տէրոջմէ կը վախնամ։ 13 Իմ ըրածս իմ տիրոջս չպատմուեցա՞ւ, թէ երբ Յեզաբէլ Տէրոջը մարգարէները սպաննեց, ես Տէրոջը մարգարէներէն հարիւր մարդ, յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեցի ու զանոնք հացով ու ջրով կերակրեցի։ 14 Եւ հիմա դուն կ’ըսես՝ ‘Գնա՛ ու տիրոջդ ըսէ՛, թէ «Ահա Եղիան կու գայ»’ ու անիկա զիս պիտի մեռցնէ»։ 15 Ու Եղիա ըսաւ. «Զօրութեան Տէրը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այսօր անոր պիտի երեւնամ»։
16 Աբդիա Աքաաբին առջեւ ելաւ ու անոր պատմեց։ Աքաաբ Եղիան դիմաւորելու գնաց։ 17 Աքաաբ Եղիան տեսածին պէս՝ անոր ըսաւ. «Իսրայէլը նեղութեան մէջ ձգողը դո՞ւն ես»։ 18 Ու Եղիան ըսաւ. «Իսրայէլը ես չնեղեցի, հապա դուն ու քու հօրդ տունը. քանզի Տէրոջը պատուիրանքները թողուցիք ու Բահաղիմին ետեւէն գացիք։ 19 Եւ հիմա մարդ ղրկէ՛ ու բոլոր Իսրայէլը եւ Բահաղի չորս հարիւր յիսուն մարգարէներն ու Յեզաբէլին սեղանէն ուտող Աստարովթի չորս հարիւր մարգարէները Կարմեղոս լերան վրայ իմ քովս հաւաքէ՛»։ 20 Աքաաբ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն մարդ ղրկեց ու մարգարէները Կարմեղոս լեռը հաւաքեց։
21 Եղիա բոլոր ժողովուրդին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք»։ Ժողովուրդը բնաւ պատասխան մը չտուաւ անոր։ 22 Ու Եղիա ժողովուրդին ըսաւ. «Միայն ե՛ս մնացի Տէրոջը մարգարէ, իսկ Բահաղին մարգարէները չորս հարիւր յիսուն մարդիկ են։ 23 Ուրեմն մեզի երկու զուարակ թող տրուի։ Զուարակին մէկը անոնք իրենց համար ընտրեն ու կտոր կտոր ընեն եւ զանիկա փայտերու վրայ դնեն, բայց կրակ չդնեն։ Միւս զուարակը ես պատրաստեմ ու զանիկա փայտերու վրայ դնեմ, բայց կրակ չդնեմ։ 24 Դուք ձեր Աստուծոյն անունը կանչեցէք, ես ալ Եհովային անունը կանչեմ։ Այն Աստուածը, որ կրակով պատասխան տայ, ա՛ն է Աստուածը»։ Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տուին ու ըսին. «Այս խօսքը բարի է»։
25 Եղիա Բահաղին մարգարէներուն ըսաւ. «Ձեզի զուարակներէն մէկը ընտրեցէք ու առաջ դուք ըրէք, վասն զի դուք շատուոր էք ու ձեր աստուծոյն անունը կանչեցէք, բայց կրակ մի՛ դնէք»։ 26 Անոնք իրենց տրուած զուարակը առին ու պատրաստեցին եւ առաւօտէն մինչեւ կէսօր Բահաղին անունը կանչեցին ու ըսին. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր». բայց ձայն չկար։ Պատասխան տուող չկար։ Անոնք իրենց շինած սեղանին քով կը ցատկռտէին։ 27 Երբ կէսօր եղաւ, Եղիա զանոնք ծաղր ընելով ըսաւ. «Բա՛րձր ձայնով կանչեցէք, քանզի անիկա աստուած է. թերեւս խօսակցութիւն մը ունի կամ զբաղած է, կամ ճամբորդութիւն կ’ընէ, կամ թերեւս քնացած է ու պէտք է որ արթննայ»։ 28 Անոնք բարձր ձայնով կը պոռային ու իրենց սովորութեանը պէս դանակներով ու գեղարդներով իրենց մարմինները կը կտրտէին, մինչեւ որ իրենց վրայէն արիւն սկսաւ վազել։ 29 Երբ կէսօրը անցաւ, մինչեւ իրիկուան զոհին ատենը մարգարէութիւն ըրին ու ձայն չկար ու պատասխան տուող չկար ու մտիկ ընող չկար։
30 Այն ատեն Եղիա բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ինծի մօտեցէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուրդը անոր մօտեցաւ։ Անիկա Տէրոջը փլած սեղանը նորոգեց։ 31 Եղիա տասներկու քար առաւ Յակոբի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, որուն՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով. «Քու անունդ Իսրայէլ ըլլայ»։ 32 Այն քարերով Տէրոջը անուանը սեղան շինեց ու սեղանին բոլորտիքը փոս մը փորեց, որ երկու գրիւի չափ հունտ կ’առնէր։ 33 Փայտերը շարեց ու զուարակը կտոր կտոր ըրաւ եւ փայտերուն վրայ դրաւ 34 Ու ըսաւ. «Չորս սափոր լեցուն ջուր բերէք եւ ողջակէզին վրայ ու փայտերուն վրայ թափեցէք»։ Ու ըսաւ. «Երկրորդ անգամ այնպէս ըրէք» ու երկրորդ անգամ այնպէս ըրին ու ըսաւ. «Երրորդ անգամ այնպէս ըրէք» ու երրորդ անգամ այնպէս ըրին։ 35 Եւ ջուրը սեղանին բոլորտիքը քալեց ու փոսն ալ ջրով լեցուեցաւ։
36 Եւ իրիկուան զոհ մատուցանելու ատենը Եղիա մարգարէն մօտեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եհովա Աստուած Աբրահամի, Իսահակի եւ Իսրայէլի, այսօր թող գիտցուի թէ Իսրայէլի մէջ դո՛ւն ես Աստուած ու ես քու ծառադ եմ եւ այս բոլոր բաները քու խօսքովդ ըրի։ 37 Ինծի պատասխան տուր, ո՛վ Տէր, ինծի պատասխան տուր ու այս ժողովուրդը թող գիտնայ թէ դո՛ւն ես Աստուած, ո՛վ Տէր եւ թէ անոնց սիրտը ետ դարձնողը դո՛ւն ես»։ 38 Այն ատեն Տէրոջմէ կրակ իջաւ եւ ողջակէզն ու փայտերը եւ քարերն ու հողը այրեց ու փոսին մէջի ջուրն ալ լափեց։ 39 Բոլոր ժողովուրդը այս բանը տեսնելով՝ երեսի վրայ ինկան ու ըսին. «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած»։
ԵՐԱՇՏԻՆ ՎԱԽՃԱՆԸ
40 Ու Եղիա անոնց ըսաւ. «Բահաղին մարգարէները բռնեցէք ու անոնցմէ մարդ մը թող չազատի»։ Զանոնք բռնեցին ու Եղիա զանոնք Կիսոն հեղեղատը իջեցուց եւ հոն զանոնք մեռցուց։
41 Եղիա Աքաաբին ըսաւ. «Վե՛ր ելիր, կեր ու խմէ՛, վասն զի անձրեւի ոտնաձայն կայ»։ 42 Աքաաբ ուտելու ու խմելու ելաւ։ Եղիա Կարմեղոս լեռը ելաւ ու գետինը ծռեցաւ ու երեսը ծունկերուն մէջ դրաւ 43 Եւ իր մանչուն ըսաւ. «Հիմա ե՛լ ու ծովուն կողմը նայէ»։ Անիկա ելաւ նայեցաւ ու ըսաւ. «Բան մը չկայ»։ Եղիա եօթը անգամ՝ «Նորէն գնա՛», ըսաւ։ 44 Ու եօթներորդ անգամին մանչը ըսաւ. «Ահա ծովէն մարդու թաթի չափ պզտիկ ամպ մը կ’ելլէ»։ Եղիան ըսաւ. «Ելի՛ր, Աքաաբին ըսէ՛՝ ‘Կառքդ լծէ՛ ու իջի՛ր, որպէս զի անձրեւի չբռնուիս’»։ 45 Մինչեւ ասդին անդին դառնալը երկինք ամպերով սեւցաւ եւ հով կար ու սաստիկ անձրեւ եկաւ։ Աքաաբ հեծաւ, Յեզրայէլ գնաց։ 46 Տէրոջը ձեռքը Եղիային հետ եղաւ ու անիկա իր մէջքը պնդեց ու մինչեւ Յեզրայէլին մուտքը Աքաաբին առջեւէն վազեց։
ԵՂԻԱ ՍԻՆԱ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ
19 1 Աքաաբ Եղիային բոլոր ըրածները ու բոլոր մարգարէները սրով մեռցնելը Յեզաբէլին պատմեց։ 2 Յեզաբէլ պատգամաւոր մը ղրկեց Եղիային՝ ըսելով. «Աստուածները այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն ինծի, եթէ վաղը այս ատեն քու անձդ անոնց մէկուն անձին տեղ չդնեմ»։
3 Եղիան այս բանը տեսնելով ելաւ իր անձին ազատութեանը համար գնաց եւ Յուդայի Բերսաբէէն մտաւ ու իր մանչը հոն ձգեց։ 4 Ինք անապատին մէջ մէկ օրուան ճամբայ գնաց ու գիհիի մը տակ նստաւ եւ սրտանց մեռնիլ ուզեց ու ըսաւ. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս, քանզի ես իմ հայրերէս լաւ չեմ»։ 5 Գիհիին տակ պառկեցաւ քնացաւ։ Ահա հրեշտակ մը անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կեր»։ 6 Եղիա նայեցաւ եւ ահա գլխուն քով մոխիրի տակ եփուած շօթ մը ու մէկ կուժ ջուր կար։ Կերաւ խմեց ու նորէն պառկեցաւ։ 7 Տէրոջը հրեշտակը դարձաւ երկրորդ անգամ անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կե՛ր, քանզի քու երթալու ճամբադ երկար է»։ 8 Անիկա ելաւ, կերաւ ու խմեց։ Այն կերակուրին ուժովը քառասուն օր ու քառասուն գիշեր գնաց ու մինչեւ Քորեբ, Աստուծոյ լեռը, հասաւ։
9 Հոն քարայրը մտաւ ու գիշերը հոն մնաց։ Եւ ահա Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։ 10 Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ ու իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։ 11 Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու լեռը Տէրոջը առջեւ կայնէ»։ Ահա Տէրը կ’անցնէր ու Տէրոջը առջեւէն լեռները քակող ու ապառաժները կոտրտող մեծ ու սաստիկ հով մը ելաւ, բայց Տէրը այն հովին մէջ չէր։ Հովին ետեւէն երկրաշարժ եղաւ, բայց Տէրը երկրաշարժին մէջ չէր։ 12 Երկրաշարժին ետեւէն կրակ եղաւ, բայց Տէրը կրակին մէջ չէր։ Կրակին ետեւէն մեղմ ու բարակ ձայն մը կը լսուէր։ 13 Ու Եղիա զանիկա լսածին պէս՝ իր վերարկուովը երեսը ծածկեց ու ելաւ քարայրին բերանը կայնեցաւ։ Ահա անոր ձայն մը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։ 14 Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն մը ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։ 15 Տէրը անոր ըսաւ. «Գնա՛, քու ճամբադ դարձիր եւ Դամասկոսի ճամբայէն երթալով՝ Ազայէլը Ասորիներուն վրայ թագաւոր օծէ՛ 16 Եւ Նամեսսիի որդին Յէուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծէ՛ ու Աբէլմաուլայէ եղող Սափատին որդին Եղիսէն քու տեղդ մարգարէ օծէ՛։ 17 Եւ ով որ Ազայէլի սուրէն ազատի, Յէուն պիտի մեռցնէ զանիկա ու ով որ Յէուին սուրէն ազատի, Եղիսէն պիտի մեռցնէ զանիկա. 18 Բայց ես Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ պահեցի, այսինքն բոլոր անոնք, որ Բահաղին առջեւ ծունկ կրկնած չեն ու զանիկա բերնով պագած չեն»։
ԵՂԻՍԷԻ ԿՈՉՈՒՄԸ
19 Անկէ գնաց ու Սափատին որդին Եղիսէն գտաւ, որ արտ կը վարէր՝ իր առջեւ տասներկու զոյգ եզներ ունենալով։ Ինք տասներկրորդին հետ էր։ Եղիա անոր քովէն անցնելով՝ իր վերարկուն անոր վրայ ձգեց։ 20 Այն ատեն Եղիսէ եզները թողուց ու Եղիային ետեւէն վազեց ու ըսաւ. «Հրաման տուր, որ երթամ հայրս ու մայրս համբուրեմ ու քու ետեւէդ գամ»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Գնա՛, ե՛տ դարձիր, քանզի ես քեզի ի՞նչ ըրի»։ 21 Եղիսէն անոր քովէն դարձաւ ու եզներուն մէկ զոյգը բռնեց մորթեց ու եզներուն գործիքներովը անոնց միսը եփեց եւ ժողովուրդին տուաւ, որ ուտեն եւ ինք Եղիային ետեւէն գնաց ու անոր ծառայութիւն կ’ընէր։
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՊԱՏԵՐԱԶՄ
20 1 Ասորիներուն Բենադադ թագաւորը իր բոլոր զօրքերը հաւաքեց։ Իրեն հետ երեսունըերկու թագաւոր կար։ Ձիերով ու կառքերով ելաւ Սամարիան պաշարեց եւ անոր հետ պատերազմ ըրաւ։ 2 Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց 3 Եւ անոր ըսաւ. «Բենադադ այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու արծաթդ ու ոսկիդ իմս է ու քու կիներդ ու գեղեցիկ որդիներդ իմս են’»։ 4 Եւ Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քու ըսածիդ պէս ես ալ քուկդ եմ ու իմ ամէն ունեցածս ալ»։
5 Դեսպանները նորէն եկան ու ըսին. «Բենադադ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի որ քու արծաթդ, քու ոսկիդ, քու կիներդ ու քու որդիներդ ինծի տաս. 6 Բայց վաղը այս ատեն իմ ծառաներս քեզի պիտի ղրկեմ եւ քու տունդ ու քու ծառաներուդ տուները աղէկ մը աչքէ պիտի անցընեն եւ քու աչքերուդ առջեւ պատուական սեպուած բոլոր բաները ձեռքովնին պիտի առնեն’»։ 7 Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը երկրին բոլոր ծերերը կանչեց ու ըսաւ. «Հիմա գիտցէ՛ք ու տեսէ՛ք, որ ասիկա չարութիւն կ’ուզէ ընել. վասն զի իմ կիներուս ու որդիներուս ու արծաթիս եւ ոսկիիս համար ինծի մարդ ղրկեց ու ես անոր ‘Ոչ’ չըսի»։ 8 Բոլոր ծերերն ու բոլոր ժողովուրդը անոր ըսին. «Ականջ մի՛ դներ ու յանձնառու մի՛ ըլլար»։ 9 Ան ալ Բենադադին դեսպաններուն ըսաւ. «Իմ թագաւոր տիրոջս ըսէք. ‘Առաջին անգամին քու ծառայիդ ինչ հրաման որ ղրկեցիր՝ զանիկա պիտի ընեմ, բայց այս անգամուանը չեմ կրնար ընել’»։ Դեսպանները գացին եւ այս պատասխանը տարին Բենադադին։
10 Բենադադ մարդ ղրկեց անոր ու ըսաւ. «Աստուածները ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն, եթէ Սամարիայի հողը իմ ետեւէս եկող բոլոր զօրքերուս բաւականանայ»։ 11 Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Անոր այսպէս ըսէ՛ք. ‘Իր զէնքը մէջքը կապողը զանիկա մէջքէն հանողի պէս չպարծի’» 12 Ու Բենադադ իրեն հետ եկող թագաւորներուն հետ վրաններու մէջ կը խմէր։ Այս խօսքը լսածին պէս իր ծառաներուն ըսաւ. «Պատերազմի շարուեցէ՛ք»։ Քաղաքին դէմ պատերազմի շարուեցան։
13 Ահա մարգարէ մը Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Բոլոր այս մեծ բազմութիւնը տեսա՞ր. ահա ես այսօր զանիկա քու ձեռքդ պիտի տամ, որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը’»։ 14 Աքաաբ ըսաւ. «Որո՞ւն ձեռքով»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Գաւառներու իշխաններուն մանչերուն ձեռքով’»։ Եւ ըսաւ. «Պատերազմը ո՞վ սկսի»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն»։ 15 Եւ գաւառներու իշխաններուն մանչերը համրեց ու երկու հարիւր երեսունըերկու հոգի էին։ Անկէ յետոյ բոլոր Իսրայէլի որդիները համրեց ու եօթը հազար հոգի էին։ 16 Ասոնք կէսօրին ելան. բայց Բենադադ ինք ու անոր օգնական թագաւորները, այն երեսունըերկու թագաւորները, վրաններու մէջ խմելով կը գինովնային։ 17 Առաջ գաւառներու իշխաններուն մանչերը ելան ու Բենադադ մարդիկ ղրկեց, որոնք անոր պատմեցին թէ Սամարիայէն մարդիկ եկան։ 18 Անիկա ըսաւ. «Եթէ անոնք խաղաղութեան համար եկան՝ զանոնք ողջ թողուցէք, իսկ եթէ պատերազմելու եկան՝ զանոնք ողջ բռնեցէք։ 19 Այս գաւառներու իշխաններուն մանչերը ու անոնց ետեւէն գացող զօրքը քաղաքէն դուրս ելան։ 20 Ամէն մարդ իր դէմ ելլողը զարկաւ ու Ասորիները փախան։ Իսրայէլ զանոնք հալածեց ու Ասորիներու Բենադադ թագաւորը ձիու վրայ հեծած՝ քանի մը ձիաւորներով ազատեցաւ։ 21 Իսրայէլի թագաւորը ելաւ ու ձիերը եւ կառքերը զարկաւ ու Ասորիները մեծ կոտորածով մը զարկաւ։
22 Մարգարէն Իսրայէլի թագաւորին մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Գնա՛, ուժովցի՛ր ու գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ ի՛նչ պիտի ընես, վասն զի եկող տարի Ասորիներու թագաւորը քու վրադ պիտի ելլէ»։
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ
23 Ասորիներու թագաւորին ծառաները անոր ըսին. «Անոնց աստուածները լեռներու աստուածներ են, անոր համար մեզի յաղթեցին. բայց եթէ անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք, անտարակոյս անոնց կը յաղթենք։ 24 Ուրեմն այս բանը ըրէ՛. թագաւորներուն իւրաքանչիւրը իր տեղէն հանէ ու անոնց տեղ նախարարներ դիր։ 25 Եւ դուն քեզմէ կորսուած զօրքին չափ զօրք ու ձիերուն չափ ձիեր ու կառքերուն չափ կառքեր պատրաստէ քեզի։ Եթէ անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք, անտարակոյս անոնց կը յաղթենք»։ Անիկա անոնց խօսքին մտիկ ընելով՝ այնպէս ըրաւ։ 26 Հետեւեալ տարին Բենադադ Ասորիները համրեց ու Ափէկ ելաւ Իսրայէլի հետ պատերազմելու համար։ 27 Իսրայէլի որդիներն ալ համրուեցան ու պատրաստուելով զանոնք դիմաւորելու գացին։ Իսրայէլի որդիները անոնց դէմ այծերու երկու երամակներու պէս բանակ կազմեցին, բայց Ասորիները երկիրը լեցուցին։
28 Աստուծոյ մարդը եկաւ ու Իսրայէլի թագաւորին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Ասորիները ըսին թէ «Եհովա լեռներու Աստուած է ու հովիտներու Աստուած չէ», ասոր համար բոլոր այս մեծ բազմութիւնը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։ 29 Եւ իրարու դէմ եօթը օր բանակեցան ու եօթներորդ օրը պատերազմը սկսաւ։ Իսրայէլի որդիները մէկ օրուան մէջ Ասորիներէն հարիւր հազար հետեւակ զօրք զարկին 30 Ու մնացածները Ափէկ քաղաքը փախան։ Այն մնացած քսանըեօթը հազար մարդոցը վրայ պարիսպը ինկաւ։ Բենադադ փախաւ ու քաղաքին մէջ սենեակէ սենեակ մտաւ։
31 Անոր ծառաները իրեն ըսին. «Ահա մենք լսեր ենք, որ Իսրայէլի տանը թագաւորները ողորմած թագաւորներ են. հիմա մէջքերնիս քուրձեր ու գլուխնիս չուաններ դնենք եւ Իսրայէլի թագաւորին առջեւ ելլենք, թերեւս քու անձդ ապրեցնէ»։ 32 Մէջքերնին քուրձեր ու գլուխնին չուաններ կապեցին եւ Իսրայէլի թագաւորին գացին ու ըսին. «Քու ծառադ Բենադադ կ’ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, թող անձս ապրի’»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին ո՞ղջ է. անիկա իմ եղբայրս է»։ 33 Այն մարդիկը ասիկա յաջողութիւն սեպելով, անոր բերնէն այս խօսքը առածնուն պէս՝ շուտով պատասխան տուին. «Քու եղբայրդ Բենադադ հոս է»։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք, զանիկա բերէ՛ք»։ Երբ Բենադադ անոր եկաւ, զանիկա իր կառքին մէջ առաւ։ 34 Ան ալ անոր ըսաւ. «Այն քաղաքները, որ իմ հայրս քու հօրմէդ առած էր, ետ տամ ու դուն Դամասկոսի մէջ քեզի համար հրապարակներ շինէ, ինչպէս իմ հայրս Սամարիայի մէջ շինած էր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Ես ալ այս դաշինքով քեզ կ’արձակեմ»։ Ուստի անոր հետ դաշնակցութիւն ըրաւ ու զանիկա արձակեց։
ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ ԱՔԱԱԲԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
35 Մարգարէներուն որդիներէն մէկը Տէրոջը խօսքովը իր ընկերին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, զիս զարկ»։ Այն մարդը զանիկա զարնել չուզեց։ 36 Անիկա ըսաւ անոր. «Տէրոջը խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար՝ ահա իմ քովէս գացածիդ պէս՝ քեզ առիւծ մը պիտի մեռցնէ»։ Անիկա անոր քովէն գնաց ու առիւծ մը հանդիպեցաւ որ զայն մեռցուց։ 37 Ետքը մարգարէն ուրիշ մարդ մը գտաւ ու անոր ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, զիս զարկ»։ Այն մարդը զանիկա զարկաւ ու զարնելով վիրաւորեց։ 38 Այն մարգարէն գնաց ճամբուն վրայ թագաւորին սպասեց ու չճանչցուելու համար աչքերուն վրայ ծածկոց մը դրաւ։ 39 Երբ թագաւորը անկէ կ’անցնէր, թագաւորին աղաղակելով՝ ըսաւ. «Քու ծառադ պատերազմի գնաց եւ ահա մարդ մը պատերազմէն դուրս ելլելով՝ ինծի ուրիշ մը բերաւ ու ըսաւ. ‘Այս մարդը պահէ՛։ Եթէ ասիկա կերպով մը կորսուելու ըլլայ, քու անձդ անոր տեղ պիտի ըլլայ, կամ տաղանդ մը արծաթ պիտի վճարես’։ 40 Ու երբ ծառադ ասդին անդին գործով զբաղեր էի, անիկա կորսուեցաւ»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Քու դատաստանդ այդպէս է, ինչպէս դուն քու բերնովդ վճռեցիր»։ 41 Անիկա շուտով մը ծածկոցը աչքերուն վրայէն հանեց ու Իսրայէլի թագաւորը իմացաւ, որ անիկա մարգարէներէն մէկն է։ 42 Անիկա ըսաւ անոր. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն իմ նզոված մարդս քու ձեռքէդ ազատ արձակեցիր, անոր համար քու անձդ անոր անձին տեղ ու քու ժողովուրդդ անոր ժողովուրդին տեղ պիտի ըլլայ’»։ 43 Իսրայէլի թագաւորը սիրտը կոտրած ու նեղացած՝ իր տունը դարձաւ ու Սամարիա եկաւ։
ՆԱԲՈՎԹԻՆ ԱՅԳԻՆ
21 1 Յեզրայելացի Նաբովթ Սամարիայի Աքաաբ թագաւորին պալատին քով այգի մը ունէր։ 2 Աքաաբ Նաբովթին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու այգիդ ինծի տուր, որպէս զի ինծի բանջարի պարտէզ ընեմ, քանզի իմ տանս մօտ է եւ անոր տեղ անկէ աղէկ այգի մը տամ քեզի կամ եթէ կ’ուզես՝ անոր գինը ստակով վճարեմ քեզի»։ 3 Ու Նաբովթ Աքաաբին ըսաւ. «Տէրը ինծի չցուցնէ, որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ»։ 4 Աքաաբ Յեզրայելացի Նաբովթին ըսած խօսքին համար, որ ըսաւ թէ «Իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի չեմ տար», սիրտը կոտրած ու նեղացած իր տունը գնաց։ Իր անկողնին վրայ պառկեցաւ ու երեսը դարձուց ու հաց չկերաւ։ 5 Անոր կինը Յեզաբէլ անոր քով գնաց ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս նեղացած է ու հաց չես ուտեր»։ 6 Անիկա ըսաւ անոր. «Վասն զի Յեզրայելացի Նաբովթին հետ խօսեցայ ու անոր ըսի. ‘Քու այգիդ ինծի ստակով տուր կամ եթէ կ’ուզես, անոր տեղ քեզի ուրիշ այգի մը տամ’. բայց անիկա ‘Իմ այգիս քեզի չեմ տար’, ըսաւ»։ 7 Այն ատեն անոր կինը Յեզաբէլ անոր ըսաւ. «Դուն հիմա Իսրայէլի վրայ այդպէ՞ս թագաւորութիւն պիտի ընես. ելի՛ր, հաց կեր ու սիրտդ թող զուարճանայ. Յեզրայելացի Նաբովթին այգին ես քեզի պիտի տամ»։
8 Անիկա Աքաաբին անունովը նամակներ գրեց ու զանոնք անոր կնիքովը կնքեց եւ այն նամակները Նաբովթին քաղաքակից ծերերուն ու ազնուականներուն ղրկեց։ 9 Նամակներուն մէջ այսպէս գրեր էր. «Ծոմապահութիւն քարոզեցէ՛ք ու Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցէ՛ք։ 10 Անոր դէմ երկու անօրէն մարդիկ նստեցուցէ՛ք, որոնք անոր համար վկայութիւն տան ու ըսեն թէ ‘Դուն Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրիր’ ու զանիկա հանեցէ՛ք ու քարկոծեցէ՛ք, որպէս զի մեռնի»։
11 Անոր քաղաքակիցները եւ քաղաքին մէջ բնակող ծերերն ու ազնուականները, Յեզաբէլի իրենց ապսպրածին պէս ըրին, ինչպէս անոր ղրկած նամակներուն մէջ գրուած էր։ 12 Անոնք ծոմապահութիւն քարոզեցին եւ Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցին։ 13 Երկու անօրէն մարդիկ գացին անոր դէմը նստան։ Այն անօրէն մարդիկը ժողովուրդին առջեւ Նաբովթին համար վկայութիւն տուին ու ըսին. «Նաբովթ Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրաւ» Ուստի զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին եւ քարերով քարկոծեցին ու մեռաւ։ 14 Յեզաբէլին լուր ղրկեցին՝ ըսելով. «Նաբովթ քարկոծուեցաւ ու մեռաւ»։
15 Երբ Յեզաբէլ Նաբովթին քարկոծուիլն ու մեռնիլը լսեց, Աքաաբին ըսաւ. «Ելի՛ր, ժառանգէ՛ Յեզրայելացի Նաբովթին այգին, որ ինք քեզի ստակով տալ չուզեց. քանզի Նաբովթ ողջ չէ, հապա մեռաւ»։ 16 Երբ Աքաաբ Նաբովթին մեռնիլը լսեց, ոտքի ելաւ, որ Յեզրայելացի Նաբովթին այգին իջնէ ու զանիկա ժառանգէ։
17 Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիային եղաւ՝ ըսելով. 18 «Ելի՛ր, Սամարիա բնակող Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը դիմաւորելու իջի՛ր։ Ահա անիկա Նաբովթի այգիին մէջն է, ուր իջեր է զանիկա ժառանգելու համար 19 Ու անոր ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մեռցուցիր ու կը ժառանգե՞ս ալ’։ Նաեւ անոր խօսելով՝ ըսէ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն տեղը ուր շուները Նաբովթին արիւնը լափեցին, հոն շուները քու արիւնդ պիտի լափեն’»։ 20 Աքաաբ Եղիային ըսաւ. «Ո՛վ իմ թշնամիս, զիս գտա՞ր»։ Անիկա ըսաւ. «Գտայ, որովհետեւ դուն քեզ ծախեցիր Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու համար։ 21 Ահա ես քու վրադ չարիք պիտի բերեմ, քեզ հալածելով պիտի ջնջեմ եւ Աքաաբի բոլոր այր մարդիկն ու Իսրայէլի մէջ գերին ու ազատը պիտի կորսնցնեմ։ 22 Քու տունդ Նաբատի որդիին Յերոբովամին տանը պէս ու Աքիային որդիին Բաասային տանը պէս պիտի ընեմ. որովհետեւ զիս բարկացուցիր ու Իսրայէլին մեղք գործել տուիր։ 23 Եւ Տէրը Յեզաբէլին համար ալ խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Յեզրայէլի պարսպին քով շուները Յեզաբէլը պիտի ուտեն’։ 24 Աքաաբէն քաղաքին մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտին մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն»։
25 Աքաաբին պէս բնաւ թագաւոր մը եղած չէր, որ զինք ծախէ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու համար։ Իր կինը՝ Յեզաբէլ՝ զինք գլխէ հանեց։ 26 Անիկա կուռքերուն ետեւէն երթալով շատ գարշելի եղաւ ու բոլոր Ամօրհացիներուն ըրածները ըրաւ, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտեց։
27 Աքաաբ այս խօսքերը լսածին պէս՝ իր հանդերձները պատռեց ու մարմնին վրայէն քուրձ հագաւ ու ծոմ պահեց եւ քուրձով կը պառկէր ու կամաց կը քալէր։ 28 Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիային եղաւ՝ ըսելով. 29 «Կը տեսնե՞ս, Աքաաբ իմ առջեւս խոնարհութիւն կ’ընէ։ Անոր իմ առջեւս խոնարհութիւն ընելուն համար, անոր օրերուն մէջ այն չարիքը պիտի չբերեմ, անոր որդիին օրերը այն չարիքը անոր տանը վրայ պիտի բերեմ»։
ՄԻՔԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԱՔԱԱԲԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
(Բ Մնաց. 18։2-27)
22 1 Երեք տարի անցաւ եւ Ասորիներուն ու Իսրայէլի մէջտեղ պատերազմ չեղաւ։ 2 Երրորդ տարին Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին իջաւ։ 3 Իսրայէլի թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Գիտէք թէ Ռամովթ–Գաղաադ մերն է, բայց մենք զանիկա Ասորիներուն թագաւորին ձեռքէն առնել չենք մտածեր»։ 4 Եւ Յովսափատի ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ–Գաղաադ պատերազմելու կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս՝ քու ժողովուրդիդ պէս ու իմ ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։
5 Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Նախ Տէրոջը խօսքը փնտռէ»։ 6 Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, որոնք չորս հարիւրի չափ էին ու անոնց ըսաւ. «Ռամովթ–Գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞մ, թէ ետ կենամ»։ Անոնք ըսին. «Գնա՛, վասն զի Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։ 7 Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը ուրիշ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որ անոր հարցնենք»։ 8 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կայ ուրիշ մարդ մըն ալ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ. քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ. անիկա Յեմլայի որդին Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը թող այդպէս չխօսի»։
9 Իսրայէլի թագաւորը ներքինի մը կանչեց ու ըսաւ. «Յեմլայի որդին Միքիան շուտով հո՛ս բեր»։ 10 Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Սամարիայի դրանը առջեւի հրապարակին վրայ ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր ու բոլոր մարգարէները անոնց առջեւ մարգարէութիւն կ’ընէին։ 11 Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա՝ իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’»։ 12 Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ–Գաղաադ ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս եւ Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
13 Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Ահա բոլոր մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար բարութիւն գուշակեցին. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ ու բարութիւն գուշակէ»։ 14 Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ Տէրը ինծի ինչ որ ըսէ՝ զայն պիտի խօսիմ»։
15 Երբ անիկա թագաւորին եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Միքիա, Ռամովթ–Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք»։ Անիկա անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս ու Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։ 16 Թագաւորը ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունով ճշմարիտը միայն ըսես»։ 17 Ան ալ ըսաւ. «Իսրայէլը հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ» եւ Տէրը ըսաւ. «Ասոնք տէր չունին, ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ»։ 18 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա՝ գէշ»։ 19 Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր բոլորտիքը, աջ կողմն ու ձախ կողմը, կեցեր էին 20 Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Աքաաբը ո՞վ կրնայ խաբել, որ Ռամովթ–Գաղաադ ելլէ ու կորսուի’ ու մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ։ 21 Ու ոգի մը ելաւ ու Տէրոջը առջեւ կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա ես կը խաբեմ’։ 22 Ու Տէրը անոր ըսաւ. ‘Ի՞նչ միջոցով’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի ըլլամ’։ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս, ելի՛ր ու այնպէս ըրէ՛’։ 23 Եւ հիմա ահա Տէրը այս քու բոլոր մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է, բայց Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ»։
24 Այն ատեն Քանանայի որդին Սեդեկիան մօտեցաւ ու Միքիային ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօսելու համար»։ 25 Եւ Միքիան ըսաւ. «Դո՛ւն ալ պիտի տեսնես այն օրը, որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ պիտի մտնես»։
26 Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Միքիան ա՛ռ ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին եւ թագաւորին որդիին Յովասին տա՛ր 27 Ու ըսէ՛, թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասիկա բանտը դրէ՛ք ու մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէք’»։ 28 Եւ Միքիա ըսաւ. «Եթէ խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինձմով խօսած չըլլայ»։ Ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ամէնքդ լսեցէ՛ք»։
ԱՔԱԱԲԻՆ ՄԱՀԸ
29 Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ–Գաղաադ ելան։ 30 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կերպարանքս պիտի փոխեմ ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ, բայց դուն քու հագուստդ հագիր»։ Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց ու պատերազմի մէջ մտաւ։ 31 Եւ Ասորիներու թագաւորը իր երեսունըերկու կառապետներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Պզտիկի կամ մեծի հետ մի՛ պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ»։ 32 Ու երբ կառապետները Յովսափատը տեսան, Իսրայէլի թագաւորը անշուշտ ասիկա է ըսելով՝ անոր վրայ պատերազմելու գացին։ Յովսափատ աղաղակեց։ 33 Երբ կառապետները տեսան թէ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։ 34 Մարդ մը առանց դիտելու իր աղեղը քաշեց ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն զարկաւ։ Այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ»։ 35 Այն օրը պատերազմը սաստկացաւ ու թագաւորը Ասորիներուն դէմ իր կառքին մէջ կեցաւ եւ իրիկուան դէմ մեռաւ։ Վէրքին արիւնը կառքին մէջ վազեց։ 36 Երբ արեւը կը մտնէր, բանակին մէջ մունետիկ պտըտեցաւ ու ըսաւ. «Ամէն մարդ իր քաղաքը ու ամէն մարդ իր երկիրը թող դառնայ»։ 37 Թագաւորը մեռաւ ու Սամարիա տարին ու թաղեցին։ 38 Եւ կառքը Սամարիայի աւազանին քով լուացին ու շուները անոր արիւնը լափեցին. անոր զէնքերն ալ հոն լուացին՝ Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ։
39 Աքաաբին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածը եւ փղոսկրով շինած տունն ու բոլոր շինած քաղաքները ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 40 Աքաաբ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անոր տեղ անոր որդին Ոքոզիա թագաւոր եղաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎՍԱՓԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
41 Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին չորրորդ տարին Յուդայի վրայ Ասային որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ։ 42 Յովսափատ երեսունըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիին աղջիկն էր։ 43 Անիկա իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց, անկէ չխոտորեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհեր կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։ 44 Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին հետ խաղաղութիւն ըրաւ։
45 Յովսափատին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր ըրած քաջութիւնն ու պատերազմները՝ ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 46 Անիկա իր հօրը Ասային ժամանակէն մնացած Սոդոմական մեղք գործողները երկրէն բնաջինջ ըրաւ։
47 Այն ատեն Եդովմի մէջ թագաւոր չկար, փոխարքայ մը կար։
48 Յովսափատ Թարսիսի նաւեր շինեց, որպէս զի Ոփիր երթան ոսկիի համար, բայց չգացին, քանզի նաւերը Գասիոն–Գաբերի մէջ կտոր կտոր եղան։ 49 Այն ատեն Աքաաբին որդին Ոքոզիան Յովսափատին ըսաւ. «Իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ նաւերով թող երթան»։ Բայց Յովսափատ չհաճեցաւ։ 50 Եւ Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովրամ թագաւոր եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
51 Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըեօթներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Աքաաբի որդին Ոքոզիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 52 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր հօրը ճամբան եւ իր մօրը ճամբան ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին ճամբան բռնեց, 53 Բահաղին ծառայութիւն ըրաւ ու անոր երկրպատութիւն ըրաւ եւ իր հօրը բոլոր ըրածները ընելով՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացուց։