ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ

ԿԵԱՆՔԻՆ ԲԱՆԸ

1 1 Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր։ Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։ Կեանքը անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա չճանչցաւ։

Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար, որուն անունը Յովհաննէս էր։ Ասիկա վկայութեան համար եկաւ որպէս զի Լոյսին համար վկայէ, որպէս զի ամէնքը անոր միջոցով հաւատան։ Ինք չէր այն Լոյսը, հապա եկաւ որպէս զի Լոյսին համար վկայէ։

Ճշմարիտ Լոյսը ան է, որ աշխարհ եկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ։ 10 Ինք աշխարհի մէջ էր եւ աշխարհ անով եղաւ, բայց աշխարհ զանիկա չճանչցաւ։ 11 Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին։ 12 Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անուանը. 13 Որոնք ո՛չ արիւնէ եւ ո՛չ մարմնի կամքէ, ո՛չ ալ մարդու կամքէ, հապա Աստուծմէ ծնան։ 14 Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս, շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն։

15 Յովհաննէս վկայեց անոր համար եւ աղաղակեց ըսելով. «Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, ինձմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինձմէ առաջ էր’»։ 16 Եւ անոր լեցունութենէն մենք ամէնքս շնորհք առինք շնորհքի տեղ։ 17 Վասն զի օրէնքը Մովսէսին ձեռքով տրուեցաւ, բայց շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եղան։ 18 Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ, բայց միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է, անիկա պատմեց։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 3։1-12, Մարկ. 1։1-8, Ղուկ. 3։1-18)

19 Յովհաննէսին վկայութիւնը այս է երբ Հրեաները Երուսաղէմէն քահանաներ ու Ղեւտացիներ ղրկեցին, որպէս զի հարցնեն անոր թէ ‘Դուն ո՞վ ես’։ 20 Եւ անիկա խոստովանեցաւ ու չուրացաւ. խոստովանեցաւ թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ’։ 21 Ու հարցուցին անոր. «Հապա ո՞վ. Եղիա՞ն ես»։ Ըսաւ. «Չեմ»։ «Այն մարգարէ՞ն ես»։ Պատասխան տուաւ թէ՝ «Ո՛չ»։ 22 Այն ատեն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես. ըսէ՛ մեզի, որպէս զի պատասխան տանինք մեզ ղրկողներուն. դուն ի՞նչ կ’ըսես քեզի համար»։ 23 Ըսաւ. «Ես անոր ձայնն եմ, որ անապատին մէջ կը կանչէ. ‘Շտկեցէք Տէրոջը ճամբան’, ինչպէս Եսայի մարգարէն ըսաւ»։ 24 Այն ղրկուածները փարիսեցիներէն էին. 25 Հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Հապա ինչո՞ւ մկրտութիւն կ’ընես, եթէ դուն Քրիստոսը չես ու ո՛չ Եղիան եւ ո՛չ մարգարէն»։ 26 Պատասխան տուաւ անոնց Յովհաննէս ու ըսաւ. «Ես ջրով կը մկրտեմ, բայց ձեր մէջ մէկը կայ, որ դուք չէք ճանչնար. 27 Անիկա է իմ ետեւէս եկողը, որ ինձմէ առաջ եղաւ, որուն կօշիկին կապը քակելու արժանի չեմ ես»։ 28 Այս բաները Բեթաբարայի մէջ եղան Յորդանանի անդիի կողմը, ուր Յովհաննէս կը կենար ու կը մկրտէր։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԱՌԸ

29 Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար եւ ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ։ 30 Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Իմ ետեւէս մարդ մը կու գայ, որ ինձմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինձմէ առաջ էր’։ 31 Ու ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց անոր համար ես եկայ ջրով մկրտելու, որպէս զի անիկա Իսրայէլին յայտնուի»։ 32 Եւ Յովհաննէս վկայութիւն տուաւ ըսելով՝ թէ «Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու անոր վրայ կը հանգչէր։ 33 Եւ ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց ան որ զիս ղրկեց ջրով մկրտելու, ինք ըսաւ ինծի. ‘Որու վրայ տեսնես, որ Հոգին կ’իջնէ ու կը հանգչի անոր վրայ, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով կը մկրտէ’։ 34 Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

35 Հետեւեալ օրը Յովհաննէս դարձեալ կայներ էր երկու աշակերտներու հետ։ 36 Նայելով Յիսուսին կողմը, որ կը պտըտէր, ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։ 37 Այս լսելով երկու աշակերտները գացին Յիսուսին ետեւէն։ 38 Յիսուս երբ դարձաւ ու տեսաւ զանոնք որ իր ետեւէն կու գային, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ’ուզէք»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Ռա՛բբի, (որ թարգմանուելով վարդապետ ըսել է,) ո՞ւր է քու օթեւանդ»։ 39 Ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք»։ Գացին ու տեսան, ուր որ էր իր օթեւանը։ Այն օրը անոր քով կեցան. վասն զի ժամը տասնի ատեններն էր։ 40 Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս այն երկուքէն մէկն էր, որոնք լսեցին Յովհաննէսէն եւ անոր ետեւէն գացին։ 41 Անիկա նախ իր Սիմոն եղբայրը կը գտնէ եւ կ’ըսէ անոր. «Գտանք Մեսիան», (որ Քրիստոս կը թարգմանուի.) 42 Ու տարաւ զանիկա Յիսուսին քով։ Յիսուս անոր նայելով՝ ըսաւ. «Դուն ես Յովնանի որդին Սիմոնը, դուն Կեփաս պիտի կոչուիս», որ Պետրոս կը թարգմանուի։

ՅԻՍՈՒՍ ՓԻԼԻՊՊՈՍԸ ԵՒ ՆԱԹԱՆԱՅԷԼԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

43 Հետեւեալ օրը Յիսուս Գալիլիա երթալ ուզեց եւ Փիլիպպոսը գտնելով՝ ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։ 44 Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր. Անդրէասին ու Պետրոսին քաղաքէն։ 45 Փիլիպպոս կը գտնէ Նաթանայէլը եւ կ’ըսէ անոր. «Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին»։ 46 Ու Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։ Ըսաւ անոր Փիլիպպոս. «Եկուր ու տես»։ 47 Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր համար. «Ահա իրաւցնէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։ 48 Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դեռ Փիլիպպոս քեզ չկանչած, դուն որ թզենիին տակն էիր, ես քեզ տեսայ»։ 49 Պատասխան տուաւ Նաթանայէլ ու ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը»։ 50 Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ անոր. «Անո՞ր համար՝ որ քեզի ըսի թէ քեզ թզենիին տակ տեսայ, կը հաւատաս։ Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես»։ 51 Ու ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որ կ’ելլեն ու կ’իջնեն Որդի մարդոյ վրայ’»։

ԿԱՆԱՅԻ ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ

2 1 Երրորդ օրը հարսանիք մը կար Գալիլիայի Կանա քաղաքը եւ Յիսուսին մայրը հոն էր։ Յիսուս ալ կանչուեցաւ այն հարսանիքին ու իր աշակերտներն ալ։ Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսին մայրը ըսաւ անոր. «Գինի չունին»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. իմ ժամանակս դեռ հասած չէ»։ Իր մայրը սպասաւորներուն ըսաւ. «Ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք»։ Հոն վեց հատ քարէ կարասներ դրուած էին Հրէից մաքրուելու սովորութեանը համեմատ, որոնց ամէն մէկը երկու կամ երեք մար բան կ’առնէր։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Լեցուցէ՛ք այդ կարասները ջուրով»։ Անոնք լեցուցին զանոնք մինչեւ բերանը։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հիմա հանեցէ՛ք ու սեղանապետին տարէ՛ք»։ Անոնք ալ տարին։ Սեղանապետը երբ գինի դարձած ջուրին համը առաւ, ինք չէր գիտեր ուրկէ ըլլալը, (բայց սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցեր էին, գիտէին,) 10 Ըսաւ փեսային. «Ամէն մարդ աղէկ գինին առաջ կը մատուցանէ ու երբ խմած ըլլան, այն ատեն ստորնագոյնը. բայց դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես»։ 11 Յիսուս հրաշքներուն սկիզբը այս ըրաւ Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ եւ իր փառքը յայտնեց ու իր աշակերտները հաւատացին իրեն։

12 Յետոյ Յիսուս Կափառնայում իջաւ, ինք եւ իր մայրը ու իր եղբայրները եւ իր աշակերտները, բայց շատ օրեր հոն չկեցան։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐ Կ’ԵՐԹԱՅ

(Մատթ. 21։12-13, Մարկ. 11։15-17, Ղուկ. 19։45-46)

13 Հրէից զատիկը մօտ էր, ուստի Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։ 14 Տաճարին մէջ գտաւ արջառ ու ոչխար եւ աղաւնի ծախողներ ու ստակ փոխողներ ալ՝ որոնք նստեր էին։ 15 Չուանէ խարազան մը շինելով՝ ամէնքը տաճարէն դուրս հանեց, ոչխարներն ալ ու արջառներն ալ։ Ստակ փոխողներուն պղինձները ցիրուցան ըրաւ ու սեղանները կործանեց։ 16 Աղաւնի ծախողներուն ըսաւ. «Ասկէ վերցուցէ՛ք ասոնք, իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք»։ 17 Իր աշակերտները մտքերնին բերին որ գրուած է. «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ»։

18 Այն ատեն Հրեաները եկան ու ըսին անոր. «Ի՞նչ նշան կը ցուցնես մեզի՝ որ այդ բաները ընելու իրաւունք ունիս»։ 19 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Քակեցէ՛ք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեցնեմ»։ 20 Հրեաները ըսին. «Քառասունըվեց տարուան մէջ շինուեցաւ այս տաճարը եւ դուն երեք օրուան մէ՞ջ պիտի կանգնեցնես զանիկա»։ 21 Բայց ինք իր մարմնին տաճարին համար կ’ըսէր։ 22 Ուստի երբ ինք մեռելներէն յարութիւն առաւ, իր աշակերտները մտքերնին բերին այս ըսածը ու հաւատացին գրքին եւ Յիսուսին ըսած խօսքին։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՐ

23 Երբ զատկի տօնին Երուսաղէմ էր, շատ մարդիկ անոր ըրած հրաշքները տեսնելով՝ հաւատացին անոր անուանը։ 24 Բայց ինք՝ Յիսուս՝ իր անձը անոնց չէր վստահեր, վասն զի ինք կը ճանչնար ամէն մարդ։ 25 Պէտք չկար որ ոեւէ մէկը ուրիշ մարդու համար վկայութիւն տար իրեն, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն ներսիդին։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՆԻԿՈԴԷՄՈՍ

3 1 Փարիսեցիներէն մարդ մը կար Նիկոդէմոս անունով, որ Հրեայ իշխան մըն էր։ Ասիկա գիշերով Յիսուսին եկաւ եւ ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես, վասն զի մէկը չի կրնար ընել այն հրաշքները, որոնք դուն կ’ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել’»։ Նիկոդէմոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչպէս կրնայ մարդ մը նորէն ծնանիլ, որ ծերացած է։ Հնարաւո՞ր բան է, որ նորէն իր մօրը որովայնը մտնէ ու ծնանի»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Եթէ մարդ մը ջուրէն ու Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել։ Մարմինէն ծնածը մարմին է ու Հոգիէն ծնածը հոգի է։ Դուն մի՛ զարմանար որ քեզի ըսի. ‘Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ’։ Հովը ուր որ ուզէ՝ կը փչէ։ Անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէ՞ կու գայ, կամ ո՞ւր կ’երթայ։ Այսպէս ալ է այն ամէնը, որ Հոգիէն կը ծնանի»։ Նիկոդէմոս հարցուց անոր. «Այդ ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ»։ 10 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դուն Իսրայէլի մէջ վարդապետ մըն ես եւ այս բաները չե՞ս գիտեր։ 11 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ կը վկայենք ու մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր։ 12 Եթէ երկրաւոր բաները ձեզի ըսի ու չէք հաւատար, ի՞նչպէս պիտի հաւատաք եթէ երկնաւոր բաները ձեզի պատմեմ։ 13 Մէ՛կը երկինք չելաւ. բայց միայն անիկա, որ երկնքէն իջաւ, Որդին մարդոյ, որ երկնքէն է։ 14 Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ, 15 Որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ 16 Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ 17 Վասն զի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ, հապա՝ որպէս զի աշխարհ անով փրկուի։ 18 Ան՝ որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր եւ ան որ չի հաւատար՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, վասն զի Աստուծոյ միածին Որդիին անուանը չհաւատաց։ 19 Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։ 20 Վասն զի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։ 21 Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէս զի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ

22 Այս բաներէն ետքը Յիսուս եւ իր աշակերտները Հրէաստանի երկիրը եկան։ Ինք կը կենար անոնց հետ մէկտեղ ու մկրտութիւն կ’ընէր։ 23 Յովհաննէս ալ Այենոնի մէջ Սաղիմի մօտ մկրտութիւն կ’ընէր, որովհետեւ հոն շատ ջուր կար ու կու գային եւ կը մկրտուէին. 24 Վասն զի Յովհաննէս դեռ բանտը դրուած չէր։

25 Այն ատեն վիճաբանութիւն մը եղաւ Յովհաննէսին աշակերտներուն եւ Հրեաներուն միջեւ՝ մաքրութեան վրայով։ 26 Աշակերտները գացին Յովհաննէսին եւ անոր ըսին. «Ռա՛բբի, անիկա որ քեզի հետ Յորդանանի անդիի կողմն էր, որուն համար դուն վկայութիւն տուիր, ահա ինք կը մկրտէ եւ ամէնքը անոր կ’երթան»։ 27 Պատասխան տուաւ Յովհաննէս եւ ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար բան մը առնել, եթէ երկնքէն տրուած չըլլայ անոր։ 28 Դուք ձեզմէ կը վկայէք ինծի համար, որ ըսի թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ, հապա անոր առջեւէն ղրկուած եմ’։ 29 Ան որ հարսն ունի, փեսան անիկա է. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ ու կը լսէ անոր, մեծապէս կ’ուրախանայ փեսային ձայնին համար։ Ուստի ահա իմ ուրախութիւնս լեցուած է։ 30 Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտիկնամ»։

ԱՆ ՈՐ ԵՐԿՆՔԷՆ ԿՈՒ ԳԱՅ

31 Ան որ վերէն կու գայ՝ ամենէն վեր է. ան որ երկրէն է՝ երկրաւոր է ու երկրէն կը խօսի. ան որ երկնքէն կու գայ՝ ամենէն վեր է։ 32 Եւ ինչ որ տեսաւ ու լսեց, զայն կը վկայէ ու անոր վկայութիւնը մէ՛կը չ’ընդունիր։ 33 Ան որ անոր վկայութիւնը կ’ընդունի, կ’ապացուցանէ թէ Աստուած ճշմարիտ է։ 34 Վասն զի ան որ Աստուած ղրկեց, Աստուծոյ խօսքերը կը խօսի, վասն զի Աստուած անոր չափով չի տար Հոգին։ 35 Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան անոր ձեռքը տրուած է։ 36 Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՍԱՄԱՐԱՑԻ ԿԻՆԸ

4 1 Արդ երբ Տէրը իմացաւ որ փարիսեցիները լսեր են՝ թէ Յիսուս Յովհաննէսէն աւելի աշակերտներ կ’առնէ եւ կը մկրտէ, Թէպէտ՝ ո՛չ թէ Յիսուս ինք կը մկրտէր, հապա իր աշակերտները, Թողուց Հրէաստանը ու նորէն Գալիլիա գնաց։ Ու պէտք եղաւ որ Սամարիայի մէջէն անցնի։ Ուստի եկաւ Սամարացիներուն քաղաքը, որուն անունը Սուքար էր, այն տեղին մօտ՝ որ Յակոբ իր որդիին Յովսէփին տուաւ։ Հոն էր Յակոբին ջրհորը։ Յիսուս յոգնած ըլլալով՝ այն ջրհորին քով նստաւ։ Գրեթէ ժամը վեցն էր։

Սամարիայէն կին մը եկաւ ջուր հանելու։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի ջուր տուր խմելու». (Քանզի իր աշակերտները քաղաքը գացեր էին, որպէս զի ուտելիք առնեն։) Այն ատեն Սամարացի կինը ըսաւ անոր. «Դուն որ Հրեայ ես, ի՞նչպէս կ’ուզես ջուր խմել ինձմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը՝ վասն զի Հրեաները Սամարացիներուն հետ չեն հաղորդակցիր»։ 10 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՞վ է ան, որ քեզի կ’ըսէ, ‘Ինծի ջուր տուր խմելու’, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար»։ 11 Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն բան մը չունիս ջուր քաշելու ու այս հորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս այն կենդանի ջուրը։ 12 Միթէ դուն մեր Յակոբ հօրմէն աւելի մե՞ծ ես, որ այս հորը մեզի տուաւ եւ ասկէ խմեցին ինք ու իր որդիները եւ իր անասունները»։ 13 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Ամէն ով որ այս ջուրէն խմէ, նորէն պիտի ծարաւի, բայց ո՛վ որ խմէ այն ջուրէն որ ես անոր պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւի։ 14 Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի»։ 15 Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, տուր ինծի այն ջուրը, որպէս զի չծարաւիմ եւ հոս չգամ ջուր հանելու»։ 16 Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛ քու այրդ կանչէ ու հոս եկուր»։ 17 Կինը պատասխան տալով ըսաւ. «Ես այր չունիմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղէկ ըսիր թէ այր չունիմ, 18 Վասն զի դուն հինգ այր ունեցեր ես եւ ան որ հիմա ունիս՝ քու այրդ չէ. ատիկա շիտակ ըսիր»։ 19 Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, կը տեսնեմ թէ դուն մարգարէ մըն ես։ 20 Մեր հայրերը այս լերան վրայ երկրպագութիւն ըրին. բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Միայն Երուսաղէմ է տեղը, ուր պէտք է երկրպագութիւն ընել’»։ 21 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, հաւատա՛ ինծի, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը։ 22 Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար. մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք. վասն զի փրկութիւնը Հրեաներէն է։ 23 Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։ 24 Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։ 25 Կինը ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, Քրիստոս ըսուածը, երբ ինք գայ՝ ամէն բան մեզի պիտի պատմէ»։ 26 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ»։ 27 Այս խօսքին վրայ իր աշակերտները եկան ու զարմացան որ այն կնոջ հետ կը խօսէր, բայց անոնցմէ մէ՛կը չըսաւ թէ «Ի՞նչ կ’ուզես, կամ ի՞նչ կը խօսիս ատոր հետ»։ 28 Այն ատեն կինը ձգեց իր սափորը ու քաղաքը գնաց եւ ըսաւ քաղաքացիներուն. 29 «Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, մարդ մը՝ որ ըսաւ ինծի ամէն ինչ որ գործեր եմ. արդեօք անիկա՞ է Քրիստոսը»։ 30 Անոնք քաղաքէն ելան ու անոր եկան։

31 Այս միջոցին աշակերտները իրեն կ’աղաչէին ու կ’ըսէին. «Ռաբբի՛, հաց կեր»։ 32 Անիկա ըսաւ անոնց. «Ես կերակուր ունիմ ուտելու՝ որ դուք չէք գիտեր»։ 33 Այն ատեն աշակերտները կ’ըսէին իրարու. «Արդեօք մէկը իրեն ուտելու բա՞ն մը բերաւ»։ 34 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ։ 35 Չէ՞ որ դուք կ’ըսէք թէ տակաւին չորս ամիս կայ հունձքի։ Ահա ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’։ 36 Ան որ կը հնձէ՝ վարձք կ’առնէ ու յաւիտենական կեանքի համար պտուղ կը ժողվէ, որպէս զի սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ ուրախանան։ 37 Վասն զի ճշմարիտ է այն խօսքը թէ՝ ‘Ուրիշը կը սերմանէ եւ ուրիշը կը հնձէ’։ 38 Ես ձեզ ղրկեցի հնձելու այն որուն համար չաշխատեցաք. ուրիշները աշխատեցան ու դուք անոնց աշխատանքէն օգտուեցաք»։

39 Այն քաղաքէն շատ Սամարացիներ իրեն հաւատացին այն կնոջ խօսքին համար, որ վկայեց, ըսելով թէ՝ «Ինչ որ ես գործեր էի՝ բոլորը ինծի ըսաւ»։ 40 Երբ Սամարացիներն անոր եկան, կ’աղաչէին անոր որ իրենց քով կենայ։ Երկու օր հոն կեցաւ։ 41 Շատերը իրեն հաւատացին իր խօսքին համար։ 42 Ու կ’ըսէին կնոջը. «Ասկէ ետք ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար կը հաւատանք, այլ մենք անձամբ լսեցինք եւ գիտենք թէ անիկա է ճշմարտապէս աշխարհի Փրկիչը՝ Քրիստոս»։

43 Երկու օրէն յետոյ ելաւ անկէ եւ Գալիլիա գնաց, 44 Վասն զի Յիսուս ինք վկայեց թէ ‘Մարգարէ մը իր գաւառին մէջ պատիւ չ’ունենար’։ 45 Երբ Գալիլիա հասաւ, Գալիլիացիները զինք ընդունեցին, քանզի տեսած էին այն բոլոր հրաշքները, որոնք ինք ըրաւ տօնին ատենը՝ Երուսաղէմի մէջ. վասն զի իրենք ալ այն տօնին գացեր էին։

ՅԻՍՈՒՍ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆԻ ՄԸ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

46 Յիսուս նորէն եկաւ Գալիլիացիներուն Կանա քաղաքը, ուր ջուրը գինիի փոխած էր։ Հոն ազնուական մը կար, որուն որդին հիւանդ էր՝ Կափառնայումի մէջ։ 47 Ասիկա լսելով, որ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլիա եկեր է, եկաւ անոր ու կ’աղաչէր, որ երթայ եւ իր որդին բժշկէ, վասն զի մեռնելու վրայ է։ 48 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ նշաններ ու հրաշքներ չտեսնէք, բնաւ պիտի չհաւատաք»։ 49 Ազնուականը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եկուր, քանի իմ տղաս մեռած չէ»։ 50 Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, քու որդիդ ողջ է»։ Մարդն ալ հաւատաց այն խօսքին, որ Յիսուս իրեն ըսաւ ու գնաց։ 51 Երբ կ’երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ աւետիս տուին ըսելով. «Քու տղադ ողջ է»։ 52 Այն ատեն հարցուց անոնց թէ ‘ո՞ր ժամուն սկսաւ աղէկի դառնալ’։ Ըսին իրեն. «Երէկ ժամը եօթին տենդը թողուց զանիկա»։ 53 Այն ատեն գիտցաւ անոր հայրը թէ այն ժամն էր երբ Յիսուս իրեն ըսաւ թէ ‘Քու որդիդ ողջ է’ ու հաւատաց ինք եւ իր բոլոր տունը։ 54 Այս երկրորդ հրաշքն էր որ Յիսուս ըրաւ, երբ Հրէաստանէն Գալիլիա եկաւ։

ԱՒԱԶԱՆԻՆ ՔՈՎ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ

5 1 Ասկէ յետոյ Հրէից տօնն էր։ Յիսուս Երուսաղէմ ելաւ։ Երուսաղէմի մէջ Ոչխարներու դրանը քով աւազան մը կար, որ Եբրայեցերէն Բեթհեզդա կը կոչուէր, որ հինգ սրահ ունէր։ Ասոնց մէջ խիստ շատ հիւանդներ պառկած էին՝ կոյրեր, կաղեր, չորցածներ՝ որոնք կը սպասէին ջուրին խառնուելուն, Վասն զի հրեշտակ մը ժամանակ ժամանակ աւազանը կ’իջնէր ու ջուրերը կը խառնէր եւ ո՛վ որ ջուրին խառնուելէն յետոյ ամենէն առաջ անոր մէջ մտնէր, կը բժշկուէր ի՛նչ հիւանդութիւն ալ որ ունենար։ Հոն մարդ մը կար, որ երեսունըութը տարիէ ի վեր հիւանդութիւն մը ունէր։ Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա, որ ինկած պառկած էր, գիտցաւ թէ շատ ժամանակէ ի վեր է, ըսաւ անոր. «Կ’ուզե՞ս առողջանալ»։ Հիւանդը պատասխան տուաւ անոր. «Տէ՛ր, մարդ մը չունիմ որ երբ ջուրերը խառնուին՝ զիս աւազանը ձգէ ու քանի որ ես ծանր կը շարժիմ, ինձմէ առաջ ուրիշ մը կ’իջնէ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ելի՛ր, մահիճդ առ ու քալէ»։ Իսկոյն մարդը առողջացաւ ու իր մահիճը վերցնելով կը քալէր։ Այն օրը շաբաթ էր։ 10 Այն ատեն Հրեաները ըսին բժշկուած մարդուն. «Շաբաթ է եւ ներելի չէ որ մահիճդ վերցնես»։ 11 Պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ան որ զիս բժշկեց՝ ի՛նք ինծի ըսաւ՝ ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’»։ 12 Ուստի հարցուցին անոր. «Ո՞վ է այն մարդը, որ քեզի ըսաւ, ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’»։ 13 Եւ բժշկուողը չէր գիտեր թէ ո՛վ է ան, վասն զի Յիսուս մէկդի քաշուեցաւ՝ այնտեղ բազմութիւն ըլլալուն համար։ 14 Անկէ ետքը Յիսուս զանիկա տաճարին մէջ գտնելով՝ ըսաւ անոր. «Ահա բժշկուեցար, ալ մեղք մի՛ գործեր, որ ա՛լ աւելի չար բան չպատահի քեզի»։ 15 Գնաց մարդը ու Հրեաներուն պատմեց թէ՝ Յիսուս էր, որ զինք բժշկեց։

16 Ասոր համար Հրեաները կը հալածէին Յիսուսը եւ կը մտածէին զանիկա սպաննել, քանի որ այս բաները շաբաթ օրը կ’ընէր։ 17 Եւ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»։ 18 Ասոր համար ա՛լ աւելի կը մտածէին Հրեաները զանիկա սպաննել, վասն զի ո՛չ միայն շաբաթ օրը չէր պահեր, հապա նաեւ Աստուած իր Հայրը կ’անուանէր ու այսպէս ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէր։

ՈՐԴԻԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

19 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ. վասն զի ինչ որ անիկա կ’ընէ, նմանապէս Որդին ալ նոյնը կ’ընէ’։ 20 Քանզի Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան կը ցուցնէ անոր՝ ինչ որ ինք կ’ընէ եւ ասոնցմէ ա՛լ աւելի մեծ գործեր պիտի ցուցնէ անոր, որպէս զի դուք զարմանաք։ 21 Վասն զի ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ ու կը կենդանացնէ, այնպէս ալ Որդին որոնք կ’ուզէ կը կենդանացնէ։ 22 Քանզի Հայրը մէ՛կը չի դատեր, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ. 23 Որպէս զի ամէնքը պատուեն Որդին, ինչպէս Հայրը կը պատուեն։ Ան որ Որդին չի պատուեր, զանիկա ղրկող Հայրը չի պատուեր։ 24 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի ու դատապարտութեան տակ չիյնար, հապա մահուանէ դէպի կեանք անցած է’։ 25 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ Ժամանակ պիտի գայ եւ հիմա ալ է, երբ մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն, պիտի ապրին։ 26 Վասն զի ինչպէս Հայրը իր անձին մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ, որ իր անձին մէջ կեանք ունենայ, 27 Եւ դատաստան ընելու իշխանութիւն ալ տուաւ անոր, քանզի անիկա Որդի մարդոյ է։ 28 Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, 29 Ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՄԱՐ

30 «Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել. ինչպէս կը լսեմ, այնպէս կը դատեմ եւ իմ դատաստանս արդար է, վասն զի ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց։ 31 Եթէ ես ինծի համար վկայեմ, իմ վկայութիւնս ճշմարիտ չէ։ 32 Ուրիշ մըն է, որ ինծի համար կը վկայէ եւ ես գիտեմ թէ ճշմարիտ է այն վկայութիւնը՝ որ ինք ինծի համար վկայեց։ 33 Դուք Յովհաննէսին ղրկեցիք եւ ինք ճշմարտութեանը վկայ եղաւ։ 34 Բայց ես պէտք չունիմ մարդոց վկայութեան։ Այս բաները կ’ըսեմ, որպէս զի դուք փրկուիք։ 35 Անիկա ճրագ մըն էր, որ կը վառէր ու լոյս կու տար եւ դուք քիչ մը ատեն ուզեցիք անոր լոյսովը ուրախանալ։ 36 Բայց ես Յովհաննէսին վկայութենէն ալ մեծ վկայութիւն մը ունիմ, քանզի այն գործերը որոնք Հայրը ինծի տուաւ որ կատարեմ, այն նոյն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինծի համար կը վկայեն թէ ‘Հայրը զիս ղրկեց’։ 37 Հայրը, որ զիս ղրկեց, ինք վկայեց ինծի համար։ Դուք անոր ձայնը չլսեցիք, ո՛չ ալ անոր կերպարանքը տեսաք 38 Ո՛չ ալ անոր խօսքը ձեր մէջ բնակած է, քանզի զայն որ ինք ղրկեց, դուք անոր չէք հաւատար։ 39 Գրքերը քննեցէք, վասն զի կը կարծէք թէ անոնցմով կրնաք յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ահա բուն անոնք են, որ ինծի համար կը վկայեն. 40 Եւ դուք չէք ուզեր ինծի գալ, որ կեանք ունենաք։ 41 Ես մարդոցմէ փառք չեմ սպասեր։ 42 Բայց գիտեմ թէ Աստուծոյ սէրը ձեր մէջ չունիք։ 43 Ես իմ Հօրս անունովը եկայ ու զիս չէք ընդունիր. եթէ ուրիշ մէկը իր անունովը գայ, զանիկա պիտի ընդունիք։ 44 Դուք ի՞նչպէս կրնաք հաւատալ, երբ իրարմէ փառք կ’ակնկալէք եւ այն փառքը որ Աստուծմէն է՝ չէք փնտռեր։ 45 Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզի համար ամբաստանութիւն պիտի ընեմ Հօրը։ Կայ մէկը՝ որ ձեզի համար ամբաստանութիւն կ’ընէ։ Մովսէսը՝ որուն դուք յուսացած էք։ 46 Վասն զի եթէ դուք Մովսէսին հաւատայիք, ինծի ալ պիտի հաւատայիք, քանզի անիկա ինծի համար գրեց։ 47 Բայց եթէ անոր գրածներուն չէք հաւատար, իմ խօսքերուս ի՞նչպէս պիտի հաւատաք»։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ

(Մատթ. 14։13-21, Մարկ. 6։30-44, Ղուկ. 9։10-17)

6 1 Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի՝ այսինքն Տիբերիայի՝ ծովուն անդիի կողմը գնաց։ Անոր ետեւէն շատ ժողովուրդ կ’երթար, վասն զի կը տեսնէին այն հրաշքները, որոնք հիւանդներուն վրայ կ’ընէր։ Յիսուս լեռը ելաւ ու հոն նստաւ իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ։ Հրեաներու զատկի տօնը մօտ էր։

Յիսուս երբ իր աչքերը վեր վերցուց ու տեսաւ որ շատ ժողովուրդ կու գար իրեն, ըսաւ Փիլիպպոսին. «Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն»։ Այս կ’ըսէր զանիկա փորձելու համար, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր։ Փիլիպպոս պատասխան տուաւ անոր. «Երկու հարիւր դահեկանի հաց չի բաւեր, որպէս զի ամէն մէկը քիչ մը առնէ»։ Իր աշակերտներէն մէկը, Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս, ըսաւ իրեն. «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց»։ 10 Յիսուս ըսաւ. «Նստեցուցէ՛ք այդ մարդիկը»։ Հոն շատ խոտ կար։ Մարդիկը նստան՝ թիւով հինգ հազարի չափ։ 11 Յիսուս հացերը առաւ ու գոհացաւ եւ աշակերտներուն բաժնեց, աշակերտներն ալ՝ նստողներուն։ Նոյնպէս ալ ձուկերէն՝ որչափ որ ուզեցին։ 12 Երբ կշտացան, ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի»։ 13 Ուստի ժողվեցին եւ տասներկու կողով լեցուցին այն հինգ գարիէ հացերէն մնացած կտորուանքները, որոնք ուտողներէն աւելցան։ 14 Իսկ մարդիկը, երբ Յիսուսին ըրած հրաշքը տեսան, ըսին. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։ 15 Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց։

ՅԻՍՈՒՍ ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅԷՆ ԿԸ ՔԱԼԷ

(Մատթ. 14։22-33, Մարկ. 6։45-52)

16 Իրիկունը, իր աշակերտները ծովեզերքը իջան, 17 Նաւը մտնելով ծովուն անդիի կողմը՝ Կափառնայում գացին։ Արդէն մութը կոխեր էր, բայց դեռ Յիսուս իրենց եկած չէր։ 18 Ծովն ալ հովին սաստիկ փչելէն տակնուվրայ կ’ըլլար։ 19 Երբ թի քաշելով քսանըհինգ կամ երեսուն ասպարէզի չափ գացին, տեսան Յիսուսը, որ ծովուն վրայէն քալելով՝ նաւուն կը մօտենար ու վախցան։ 20 Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ 21 Այն ատեն զանիկա նաւը առին եւ նաւը շուտով այն երկիրը հասաւ՝ ուր կ’երթային։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷ

22 Հետեւեալ օրը ժողովուրդը որ ծովուն անդիի կողմն էր եւ տեսեր էր որ ուրիշ նաւակ չկար այն մէկէն զատ՝ որուն մէջ անոր աշակերտները մտեր էին, իսկ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ նաւակը մտած չէր եւ միայն անոր աշակերտները գացեր էին. 23 Բայց Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ եկան այն տեղին մօտ՝ ուր Տէրոջը գոհանալովը հացը կերեր էին. 24 Այն ատեն ժողովուրդը տեսնելով թէ ո՛չ Յիսուսը հոն է, ո՛չ ալ անոր աշակերտները, իրենք ալ նաւերը մտան ու գացին Կափառնայում Յիսուսը փնտռելու։

ՅԻՍՈՒՍ ԿԵՆԱՑ ՀԱՑԸ

25 Ու երբ զանիկա ծովուն անդիի կողմը գտան, ըսին անոր. «Ռա՛բբի, ե՞րբ եկար դուն հոս»։ 26 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց եւ ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ անոր համար որ հրաշքներ տեսաք, հապա անոր համար որ հացերէն կերաք ու կշտացաք’։ 27 Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ, որ Որդին մարդոյ ձեզի պիտի տայ, վասն զի Հայրն Աստուած զանիկա կնքեց»։ 28 Այն ատեն ըսին անոր. «Ի՞նչ ընենք որպէս զի Աստուծոյ գործերը կատարենք»։ 29 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Այս է Աստուծոյ գործը, որ անոր ղրկածին հաւատաք»։ 30 Ըսին անոր. «Բայց դուն ի՞նչ նշան կ’ընես, որ տեսնենք ու քեզի հաւատանք. ի՞նչ կը գործես։ 31 Մեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան. ինչպէս գրուած է. ‘Երկնքէն հաց տուաւ անոնց որպէս զի ուտեն’»։ 32 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մովսէս չտուաւ ձեզի երկնաւոր հացը, բայց իմ Հայրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնաւոր հացը’։ 33 Վասն զի Աստուծմէ տրուած հացը ա՛յն է, որ երկնքէն կ’իջնէ ու աշխարհի կեանք կու տայ»։ 34 Ուստի ըսին անոր. «Տէ՛ր, ամէն ատեն այդ հացը մեզի տուր»։ 35 Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի։ 36 Բայց ես ձեզի ըսի թէ դուք զիս տեսաք ալ ու չէք հաւատար։ 37 Այն ամէնը, որ Հայրը ինծի կու տայ, ինծի պիտի գան եւ ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ։ 38 Վասն զի ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց։ 39 Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը։ 40 Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ե՛ս ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։

41 Հրեաները կը տրտնջէին իրեն դէմ, վասն զի ըսաւ թէ՝ ‘Ե՛ս եմ երկնքէն իջած հացը’ 42 Եւ կ’ըսէին. «Ասիկա Յովսէփին որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը մենք կը ճանչնանք. ուրեմն ի՞նչպէս կ’ըսէ ասիկա թէ՝ ‘Ես երկնքէն իջայ’»։ 43 Պատասխանեց Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Տրտունջ մի՛ ընէք ձեր մէջ։ 44 Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ 45 Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։ 46 Ոչ մէկը Հայրը տեսած է, այլ միայն ան՝ որ Աստուծմէ է, անիկա Հայրը տեսած է։ 47 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունի’։ 48 Ես եմ կենաց հացը։ 49 Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան։ 50 Այս է այն հացը, որ երկնքէն կ’իջնէ, որպէս զի եթէ մէկը ատկէ ուտէ, չմեռնի։ 51 Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ. 6։52 Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի եւ այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար»։

52 6։53 Ասոր վրայ Հրեաները իրարու հետ կը վիճէին ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ ասիկա իր մարմինը մեզի տալ՝ ուտելու»։ 53 6։54 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար’։ 54 6։55 Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ 55 6։56 Վասն զի իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք է։ 56 6։57 Ան որ իմ մարմինս կ’ուտէ եւ իմ արիւնս կը խմէ, անիկա իմ ներսիդիս կը բնակի ու ես անոր ներսիդին։ 57 6։58 Ինչպէս կենդանի Հայրը զիս ղրկեց ու ես կենդանի եմ Հօրը ձեռքով, այսպէս ալ ան որ զիս կ’ուտէ, ինք ալ իմ ձեռքովս կենդանի պիտի մնայ։ 58 6։59 Այս է այն հացը, որ երկնքէն իջած է, ո՛չ թէ մանանան, որ հայրերնիդ կերան ու մեռան։ Ո՛վ որ այս հացը ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի»։

59 6։60 Այս բաները խօսեցաւ ժողովարանին մէջ՝ երբ Կափառնայումի մէջ կը քարոզէր։

ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

60 6։61 Աշակերտներէն շատեր երբ լսեցին՝ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։ 61 6։62 Յիսուս երբ հասկցաւ թէ իր աշակերտները այն բանին համար տրտունջ կ’ընեն, ըսաւ անոնց. «Ատիկա ձեզ կը գայթակղեցնէ՞։ 62 6։63 Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։ 63 6։64 Հոգին է կենդանի ընողը, մարմինը շահ մը չ’ըներ։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են։ 64 6։65 Բայց ձեր մէջէն կան ոմանք, որ չեն հաւատար». վասն զի Յիսուս սկիզբէն գիտէր թէ որո՛նք չեն հաւատար եւ ո՞վ է ան, որ զինք պիտի մատնէ։ 65 6։66 Ու ըսաւ. «Ասո՛ր համար ձեզի ըսի թէ մէ՛կը չի կրնար ինծի գալ, եթէ իմ Հօրմէս տրուած չըլլայ անոր»։

66 6։67 Այս պատճառաւ իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր։ 67 6։68 Այն ատեն Յիսուս տասներկուքին ըսաւ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ 68 6։69 Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ անոր. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ 69 6։70 Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։ 70 6։71 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ես ձեզ տասներկուքդ չընտրեցի՞, բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է»։ 71 6։72 Ասիկա կ’ըսէր Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային համար, վասն զի անիկա էր որ զինք պիտի մատնէր, թէեւ տասներկուքէն մէկն էր։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

7 1 Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի մէջ կը պտըտէր, քանզի չէր ուզեր Հրէաստանի մէջ պտըտիլ, վասն զի Հրեաները զինք սպաննել կ’ուզէին։

Հրեաներուն տաղաւարահարաց տօնը մօտ էր, Ուստի իր եղբայրները ըսին իրեն. «Ելի՛ր ասկէ ու Հրէաստան գնա, որպէս զի քու աշակերտներդ ալ տեսնեն քու գործերդ որոնք կ’ընես. Վասն զի մէկը չկայ որ ծածկաբար բան մը ընէ եւ ինք յայտնի ըլլալ ուզէ. եթէ դուն այդ բաները կ’ընես, ինքզինքդ աշխարհի յայտնէ»։ Քանզի իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ ժամանակս դեռ հասած չէ, բայց ձեր ժամանակը միշտ պատրաստ է։ Աշխարհ ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ’ատէ, վասն զի ես կը վկայեմ թէ իր գործերը չար են։ Դուք ելէ՛ք այս տօնին. ես [դեռ] չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած»։ Այս ըսելով անոնց՝ ինք Գալիլիա մնաց։

10 Բայց երբ իր եղբայրները գացին, ետքը ինք ալ գնաց տօնին, ո՛չ թէ յայտնի՝ հապա գաղտուկ կերպով մը։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ ՏՕՆԻՆ

11 Հրեաները տօնին ատենը կը փնտռէին զինք ու կ’ըսէին. «Ո՞ւր է անիկա»։ 12 Եւ ժողովուրդին մէջ շատ շշնջիւն կար անոր վրայով։ Ոմանք կ’ըսէին թէ ‘Աղէկ մարդ է’. ուրիշներ կ’ըսէին. ‘Ոչ, հապա ժողովուրդը կը մոլորեցնէ’։ 13 Սակայն մէ՛կը անոր վրայով համարձակ չէր խօսեր Հրեաներուն վախէն։

14 Երբ տօնը կէս եղաւ, Յիսուս տաճարը գնաց ու կը սորվեցնէր։ 15 Հրեաները կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ»։ 16 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։ 17 Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ։ 18 Ան որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր անձին փառքը կը փնտռէ, բայց ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, անիկա ճշմարիտ է եւ անոր քով անիրաւութիւն չկայ։ 19 Մովսէս չտուա՞ւ ձեզի օրէնքը ու ձեզմէ մէ՛կն ալ չի պահեր օրէնքը։ 20 Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել»։ Պատասխան տուաւ ժողովուրդը ու ըսաւ. «Դեւ կայ քու ներսդ. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել»։ 21 Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Գործ մը գործեցի ու ամէնքդ ալ զարմացեր էք։ 22 Արդ՝ Մովսէս ձեզի թլփատութիւնը տուաւ, որ ոչ թէ Մովսէսէն էր, հապա նախնիքներէն, ու շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք։ 23 Եթէ շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք որպէս զի Մովսէսին օրէնքը չքակուի, ինծի կը բարկանա՞ք որ ես շաբաթ օրը ամբողջ մարդ մը բժշկեցի։ 24 Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք»։

Ի՞ՆՔՆ Է ՄԵՍԻԱՆ

25 Այն ատեն Երուսաղէմացիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ կը փնտռեն սպաննելու համար։ 26 Ահա յայտնի կը խօսի ու բան մը չեն ըսեր անոր. միթէ իշխանները հասկցա՞ն թէ ասիկա ճշմարտապէս Քրիստոսն է։ 27 Սակայն մենք գիտենք թէ ուրկէ՛ է. բայց Քրիստոս երբ գայ, մէ՛կը պիտի չգիտնայ ուրկէ՛ ըլլալը»։ 28 Եւ Յիսուս տաճարին մէջ աղաղակեց՝ սորվեցնելու ատեն. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։ 29 Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։ 30 Ուստի կը մտածէին զինք բռնել, բայց մէ՛կն ալ իրեն ձեռք չզարկաւ, վասն զի իր ժամանակը դեռ հասած չէր։ 31 Ժողովուրդէն շատեր հաւատացին իրեն եւ կ’ըսէին. «Քրիստոս երբ գայ, ասոնցմէ աւելի նշաննե՞ր պիտի ընէ, որչափ ասիկա կ’ընէ»։

ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ ՂՐԿՈՒԵՑԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԼՈՒ

32 Փարիսեցիները լսեցին ժողովուրդին այս շշնջիւնը անոր վրայով։ Անոնք եւ քահանայապետները սպասաւորներ ղրկեցին, որպէս զի զանիկա բռնեն։ 33 Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։ 34 Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ»։ 35 Այն ատեն Հրեաները ըսին իրարու. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։ 36 Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’»։

ԿԵՆԴԱՆԻ ՋՈՒՐԻ ԳԵՏԵՐ

37 Տօնին վերջին օրը Յիսուս կայներ էր, կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ 38 Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’»։ 39 Այս ըսաւ Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի առնէին, վասն զի Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանզի Յիսուս դեռ փառաւորուած չէր։

ԲԱԺԱՆՈՒՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ

40 Ժողովուրդէն շատ մարդիկ երբ այս խօսքը լսեցին՝ ըսին. «Իրաւցնէ ասիկա է մարգարէն»։ 41 Ուրիշներ ըսին. «Ասիկա է Քրիստոսը». ուրիշներ ալ. «Միթէ Քրիստոսը Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ։ 42 Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլեհէմէն պիտի գայ»։ 43 Ուստի ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն եղաւ անոր համար։ 44 Անոնցմէ ոմանք ուզեցին բռնել զանիկա, բայց մէ՛կը անոր ձեռք չզարկաւ։

ՀՐԵԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՀԱՒԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

45 Սպասաւորները նորէն գացին քահանայապետներուն եւ փարիսեցիներուն, որոնք հարցուցին. «Ինչո՞ւ զանիկա հոս չբերիք»։ 46 Պատասխան տուին սպասաւորները. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ 47 Այն ատեն փարիսեցիները հարցուցին անոնց եւ ըսին. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։ 48 Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր. 49 Բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են»։ 50 Նիկոդէմոս ըսաւ անոնց, որ գիշեր ատեն իրեն գացեր էր եւ անոնցմէ մէկն էր. 51 «Միթէ մեր օրէնքը մարդ կը դատէ՞, եթէ առաջ անկէ բան մը չլսէ եւ չգիտնայ թէ ի՞նչ կ’ընէ»։ 52 Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես. քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարգարէ չ’ելլեր»։ 53 Եւ ամէն մէկը իր տունը գնաց։

ՇՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲՌՆՈՒԱԾ ԿԻՆԸ

8 1 Յիսուս Ձիթենեաց լեռը գնաց։ Երբ առտուն նորէն տաճարը եկաւ, բոլոր ժողովուրդը իրեն կու գար ու ինք նստեր կը սորվեցնէր անոնց։ Դպիրներն ու փարիսեցիները շնութեան մէջ բռնուած կին մը բերին անոր ու զանիկա մէջտեղը կայնեցնելով՝ Ըսին իրեն. «Վա՛րդապետ, այս կինը շնութեան մեղքը գործած ատենը բռնուեցաւ։ Մովսէս օրէնքին մէջ մեզի պատուիրեց այսպիսիները քարկոծել։ Հիմա դուն ի՞նչ կ’ըսես ատոր համար»։ Ասիկա կ’ըսէին՝ զանիկա փորձելով, որպէս զի անոր վրայ ամբաստանութիւն ընելու առիթ մը ունենան. բայց Յիսուս դէպի վար ծռելով՝ մատովը գետնին վրայ կը գրէր. Սակայն երբ ստիպեցին՝ հարցնելով իրեն, վեր նայեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ անմեղ եղողը՝ առաջին քարը անիկա թող ձգէ ատոր վրայ»։ Եւ նորէն ծռելով՝ գետնին վրայ կը գրէր։ Անոնք այս լսելով ու իրենց խղճմտանքէն յանդիմանուելով՝ մէկիկ մէկիկ դուրս ելան, ծերերէն սկսած մինչեւ յետինները։ Յիսուս մինակ մնաց ու կինը մէջտեղը կայնած։ 10 Յիսուս վեր նայելով ու կնոջմէն զատ մէկը չտեսնելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, ո՞ւր են անոնք, որ քու վրայովդ ամբաստանութիւն կ’ընէին. մէկը քեզ չդատապարտե՞ց»։ 11 Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես ալ չեմ դատապարտեր քեզ. գնա՛ ու ասկէ յետոյ մեղք մի՛ գործեր»։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ

12 Յիսուս նորէն խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։ 13 Իսկ փարիսեցիները ըսին անոր. «Դուն քու անձիդ համար կը վկայես, քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ»։ 14 Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Թէեւ ես իմ անձիս համար կը վկայեմ, բայց իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, վասն զի գիտեմ ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՞ կու գամ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ 15 Դուք մարմնին նայելով դատաստան կ’ընէք։ Ես բնաւ մէկը չեմ դատեր, 16 Թէեւ դատելու ալ ըլլամ, իմ դատաստանս ճշմարիտ է. վասն զի ես մինակ չեմ, հապա ես եւ Հայրը, որ զիս ղրկեց։ 17 Ձեր օրէնքին մէջ ալ գրուած է թէ՝ ‘Երկու մարդու վկայութիւնը ճշմարիտ է’։ 18 Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար»։ 19 Այն ատեն ըսին անոր. «Ո՞ւր է քու Հայրդ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ո՛չ զիս կը ճանչնաք եւ ո՛չ՝ իմ Հայրս. եթէ զիս ճանչնայիք իմ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք»։

20 Յիսուս այս խօսքերը խօսեցաւ գանձատունը՝ երբ տաճարին մէջ կը սորվեցնէր ու մէ՛կը չբռնեց զանիկա, վասն զի դեռ անոր ժամանակը հասած չէր։

ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ԵՐԹԱԼ ՀՈՆ, ՈՒՐ ԵՍ Կ’ԵՐԹԱՄ

21 Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ես կ’երթամ ու զիս պիտի փնտռէք եւ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Ուր որ ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։ 22 Ասոր վրայ Հրեաները կ’ըսէին. «Միթէ ինքզինք պիտի մեռցնէ՞, որ կ’ըսէ թէ՝ ‘Ուր ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’»։ 23 Ըսաւ անոնց. «Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ. 24 Անոր համար ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք’, վասն զի եթէ չհաւատաք թէ ես Ան եմ, ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք»։ 25 Այն ատեն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ինչ որ սկիզբէն ձեզի ըսի։ 26 Շատ բաներ ունիմ ձեզի համար խօսելու եւ դատելու. բայց ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է եւ ես ինչ որ իրմէ լսեցի, զանիկա կը խօսիմ աշխարհի»։ 27 Անոնք չիմացան թէ Հօրը համար կը խօսէր իրենց։

28 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Երբ Որդին մարդոյ բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ով եմ ու ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ. 29 Եւ զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։

ԱԶԱՏ ՄԱՐԴԻԿ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐ

30 Երբ ասոնք խօսեցաւ, շատ մարդիկ իրեն հաւատացին։ 31 Այն ատեն Յիսուս իրեն հաւատացող Հրեաներուն ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք 32 Եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ 33 Պատասխան տուին իրեն. «Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք. դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ՝ ‘Ազատ պիտի ըլլաք’»։ 34 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է’։ 35 Եւ ծառան տանը մէջ յաւիտեան չի մնար, բայց որդին յաւիտեան կը մնայ։ 36 Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք։ 37 Գիտեմ թէ Աբրահամին սերունդն էք, բայց կը փնտռէք զիս մեռցնել վասն զի իմ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։ 38 Ես ինչ որ տեսայ իմ Հօրս քով՝ զայն կը խօսիմ եւ դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօրը քով՝ զայն կ’ընէք»։ 39 Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Մեր հայրը Աբրահամն է»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Եթէ Աբրահամին որդիները ըլլայիք, Աբրահամին գործերը պիտի գործէիք։ 40 Բայց հիմա կը փնտռէք սպաննել զիս, այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ Աբրահամ այդ բանը չըրաւ։ 41 Դուք ձեր հօրը գործերը կ’ընէք»։ Այն ատեն ըսին անոր. «Մենք պոռնկութենէ չենք ծնած, մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։ 42 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ Աստուած ձեր Հայրը ըլլար, պիտի սիրէիք զիս. վասն զի ես Աստուծմէ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինքիրմէս եկայ, հապա անիկա զիս ղրկեց։ 43 Ինչո՞ւ դուք իմ խօսքերս չէք հասկնար։ Անոր համար որ չէք կրնար խօսքիս մտիկ ընել։ 44 Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը։ 45 Բայց որո՛վհետեւ ես ճշմարտութիւն կը խօսիմ, ինծի չէք հաւատար։ 46 Ձեզմէ ո՞վ կրնայ զիս յանդիմանել մեղքի համար. իսկ եթէ ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ ինծի չէք հաւատար։ 47 Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԱԲՐԱՀԱՄ

48 Պատասխան տուին Հրեաները ու ըսին անոր. «Աղէկ չե՞նք ըսեր մենք՝ թէ դուն Սամարացի ես ու դեւ կայ քու ներսդ»։ 49 Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես իմ Հայրս կը պատուեմ, բայց դուք զիս կ’անարգէք։ 50 Իսկ ես իմ փառքս չեմ փնտռեր։ Կայ մէկը, որ կը փնտռէ ու կը դատէ։ 51 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահ պիտի չտեսնէ’»։ 52 Այն ատեն Հրեաները ըսին անոր. «Հիմա գիտցանք թէ քու ներսդ դեւ կայ։ Աբրահամ մեռաւ ու մարգարէներն ալ եւ դուն կ’ըսես. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահուան համը պիտի չառնէ’։ 53 Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես մեր հօրմէն՝ Աբրահամէն, որ մեռաւ ու մարգարէներն ալ մեռան. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես»։ 54 Յիսուս պատասխան տուաւ. «Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ, իմ փառքս բան մը չէ։ Իմ Հայրս է, որ զիս կը փառաւորէ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ Մեր Աստուածն է, 55 Բայց զանիկա չէք ճանչնար, բայց ես կը ճանչնամ զանիկա ու եթէ ըսեմ թէ զանիկա չեմ ճանչնար, ձեզի պէս ստախօս պիտի ըլլամ. մինչդեռ ես կը ճանչնամ զանիկա եւ անոր խօսքը կը պահեմ։ 56 Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։ 57 Իսկ Հրեաները ըսին անոր. «Դուն տակաւին յիսուն տարեկան չկաս, Աբրահա՞մն ալ տեսար»։ 58 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։ 59 Այն ատեն քարեր վերցուցին որպէս զի անոր վրայ նետեն, բայց Յիսուս ծածկուեցաւ անոնց աչքերէն եւ անոնց մէջէն անցնելով՝ տաճարէն դուրս ելաւ ու գնաց։

ՅԻՍՈՒՍ Ի ԾՆԷ ԿՈՅՐԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

9 1 Երբ կ’անցնէր, մարդ մը տեսաւ կոյր ծնած։ Իր աշակերտները հարցուցին իրեն ու ըսին. «Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան։ Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ. գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել, Քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ»։ Երբ այս ըսաւ, թքաւ գետինը եւ թուքով կաւ շինեց, այն կաւը կոյրին աչքերուն վրայ ծեփեց Եւ ըսաւ անոր. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ» (որ «ղրկուած» կը թարգմանուի։) Ան ալ գնաց ու լուացուեցաւ, եկաւ ու կը տեսնէր։ Դրացիները եւ անոնք որ առաջուընէ տեսած էին զանիկա որ կոյր էր, կ’ըսէին. «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար»։ Ոմանք կ’ըսէին. «Անիկա է»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Անոր նման մէկն է», իսկ ինք կ’ըսէր. «Ես եմ»։ 10 Ուստի հարցուցին իրեն. «Հապա ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ»։ 11 Ինք պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց ու աչքերս ծեփեց եւ ըսաւ ինծի. ‘Գնա՛ Սելովամի աւազանը ու լուացուէ՛’. ես ալ գացի, լուացուեցայ ու կը տեսնեմ»։ 12 Ըսին իրեն. «Ո՞ւր է անիկա»։ Ըսաւ անոնց. «Չեմ գիտեր»։

ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ԲԺՇԿՈՒՈՂԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԵՆ

13 Փարիսեցիներուն տարին զանիկա, որ ատենով կոյր էր։ 14 Շաբաթ օր էր, երբ Յիսուս կաւը շինեց ու անոր աչքերը բացաւ։ 15 Փարիսեցիներն ալ կը հարցնէին իրեն թէ՝ «Ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ»։ 16 Ասոր վրայ փարիսեցիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Այն մարդը Աստուծմէ չէ, վասն զի շաբաթ օրը չի պահեր»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ ընել»։ Անոնց մէջ երկպառակութիւն կար։ 17 Նորէն ըսին կոյրին. «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր համար, որ քու աչքերդ բացաւ»։ Ան ալ ըսաւ թէ՝ ‘Մարգարէ մըն է’։ 18 Իսկ Հրեաները չէին հաւատար՝ թէ կոյր էր ու բացուեցաւ, մինչեւ որ անոր ծնողքը կանչեցին, 19 Եւ անոնց հարցուցին. «Ա՞յս է ձեր որդին, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ 20 Անոր ծնողքը պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Գիտենք թէ ասիկա է մեր որդին եւ որ ինք կոյր ծնաւ։ 21 Բայց հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր, ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք, թող ինք խօսի իրեն համար»։ 22 Այսպէս ըսին անոր ծնողքը Հրեաներէն վախնալնուն համար, քանզի Հրեաները միաբան հաւանութեամբ որոշեր էին, որ եթէ մէկը զանիկա Քրիստոս դաւանի, ժողովարանէն դուրս ձգուի։ 23 Ասոր համար անոր ծնողքը ըսին թէ «Ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք»։ 24 Ետքը նորէն կանչեցին այն մարդը որ կոյր էր ու ըսին անոր. «Աստուծոյ փառք տուր, մենք գիտենք թէ այն մարդը մեղաւոր է»։ 25 Անիկա ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ մեղաւոր է՝ ես չեմ գիտեր. միայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ»։ 26 Նորէն ըսին անոր. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, քու աչքերդ ի՞նչպէս բացաւ»։ 27 Պատասխան տուաւ անոնց. «Հիմա ըսի ձեզի ու չլսեցի՞ք. ինչո՞ւ համար նորէն լսել կ’ուզէք. միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք անոր աշակերտ ըլլալ»։ 28 Անոնք նախատելով զանիկա, ըսին. «Դուն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։ 29 Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա չենք գիտեր թէ ուրկէ՞ է»։ 30 Պատասխան տուաւ մարդը եւ ըսաւ անոնց. «Ատիկա է զարմանալի բանը՝ որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՞ է, բայց անիկա իմ աչքերս բացաւ։ 31 Գիտենք թէ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չ’ըներ, բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ ու անոր կամքը կատարէ, անոր մտիկ կ’ընէ։ 32 Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ։ 33 Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել»։ 34 Պատասխան տուին եւ ըսին անոր. «Դուն բոլորովին մեղքերու մէջ ծնած ես ու մեզի վարդապետութի՞ւն կ’ընես»։ Եւ դուրս ըրին զանիկա։

ՀՈԳԵԿԱՆ ԿՈՒՐՈՒԹԻՒՆ

35 Յիսուս լսեց թէ զանիկա դուրս ըրին, երբ գտաւ զանիկա, ըսաւ անոր. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»։ 36 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր»։ 37 Յիսուս ըսաւ անոր. «Տեսար զանիկա, քեզի հետ խօսողը՝ ա՛ն է»։ 38 Անիկա ալ ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր» ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ 39 Յիսուս ըսաւ. «Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէս զի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան»։

40 Փարիսեցիներէն ոմանք, որոնք իրեն հետ էին, այս բաները լսելով՝ ըսին իրեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։ 41 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք, դուք մեղք չէիք ունենար, բայց հիմա կ’ըսէք թէ ‘Կը տեսնենք’, ասոր համար ձեր մեղքը ձեր վրայ կը մնայ»։

ՀՈՎԻՒԻՆ ԱՌԱԿԸ

10 1 «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։ Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։ Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։ Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ’երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ’երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան։ Սակայն օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար»։

Յիսուս այս առակը ըսաւ անոնց, բայց անոնք չէին իմանար թէ ի՞նչ էր որ իրենց կը խօսէր։

ՅԻՍՈՒՍ՝ ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ

Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։ Ամէն անոնք որ ինձմէ առաջ եկան, գող ու աւազակ էին, բայց անոնց չլսեցին ոչխարները։ ‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինձմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ։ 10 Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։ 11 ‘Ես եմ բարի հովիւը’. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ։ 12 Բայց վարձկանը, որ հովիւ չէ ու ոչխարները իրը չեն, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ, կը թողու ոչխարները ու կը փախչի եւ գայլը կը յափշտակէ ոչխարները ու զանոնք կը ցրուէ։ 13 Եւ վարձկանը կը փախչի, վասն զի վարձկան է ու ինք հոգ չ’ըներ ոչխարներուն համար։ 14 Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս։ 15 Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ, ես ալ Հայրը կը ճանչնամ ու իմ կեանքս ոչխարներուն համար կը դնեմ։ 16 Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ։ 17 Անոր համար իմ Հայրս զիս կը սիրէ, որովհետեւ ես իմ կեանքս կը դնեմ, որպէս զի նորէն առնեմ զանիկա։ 18 Մէ՛կը չի հաներ զանիկա ինձմէ, հապա ես կը դնեմ զանիկա ինքնիրմէս։ Իշխանութիւն ունիմ զանիկա դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զանիկա նորէն առնելու. այս պատուէրը իմ Հօրմէս առի»։

19 Նորէն պառակտում եղաւ Հրեաներուն մէջ այս խօսքերուն համար։ 20 Անոնցմէ շատեր կ’ըսէին. «Դեւ կայ ատոր ներսիդին ու խենթեցած է. ինչո՞ւ ատոր մտիկ կ’ընէք»։ 21 Ուրիշներ կ’ըսէին. «Այս խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն. միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրերուն աչքերը բանալ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐԵՆՆԵՐԷՆ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ

22 Այն ատեն Երուսաղէմ նաւակատիքի տօն էր։ Ձմեռ էր։ 23 Եւ Յիսուս կը պտըտէր տաճարին մէջ, Սողոմոնին Սրահը։ 24 Հրեաները անոր չորս կողմը առին ու ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ մեզ տարակուսանքի մէջ պիտի թողուս. եթէ Քրիստոսը դուն ես, մեզի համարձակ ըսէ»։ 25 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ձեզի ըսի ու չհաւատացիք։ Այն գործերը որոնք ես իմ Հօրս անունովը կը գործեմ, անոնք կը վկայեն ինծի համար։ 26 Բայց դուք չէք հաւատար, վասն զի իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ձեզի ըսի։ 27 Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։ 28 Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք։ 29 Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է եւ մէ՛կը չի կրնար իմ Հօրս ձեռքէն յափշտակել։ 30 Ես ու Հայրը մէկ ենք»։

31 Այն ատեն Հրեաները նորէն քարեր վերցուցին, որպէս զի զանիկա քարկոծեն։ 32 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Շատ բարի գործեր ցուցուցի ձեզի իմ Հօրմէս, անոնցմէ ո՞ր գործին համար զիս կը քարկոծէք»։ 33 Հրեաները պատասխան տուին անոր՝ ըսելով. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն որ մարդ ես, ինքզինքդ Աստուած կ’ընես»։ 34 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Չէ՞ որ ձեր օրէնքին մէջ գրուած է. ‘Ես ըսի թէ դուք աստուածներ էք’։ 35 Եթէ ‘աստուածներ’ կ’անուանէ զանոնք, որոնց Աստուծոյ խօսքը տրուեցաւ, ու կարելի չէ որ այն գրուածը աւրուի, 36 Հապա զայն որ Հայրը սրբեց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ինչպէ՞ս անոր կ’ըսէք թէ՝ ‘Հայհոյութիւն կ’ընես’, ‘Աստուծոյ Որդի եմ’ ըսելուս համար։ 37 Եթէ իմ Հօրս գործերը չեմ գործեր, ինծի մի՛ հաւատաք։ 38 Բայց քանի որ կը գործեմ, թէեւ ինծի չէք հաւատար, գոնէ գործերուս հաւատացէք, որպէս զի գիտնաք ու հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես անոր մէջ»։

39 Նորէն կ’ուզէին զայն բռնել, բայց ան՝ անոնց ձեռքէն խուսափեցաւ։ 40 Նորէն գնաց Յորդանանի անդիի կողմը, այն տեղը, ուր Յովհաննէս առաջ կը մկրտէր ու հոն կեցաւ։ 41 Շատեր գացին անոր ու ըսին. «Իրաւ Յովհաննէս հրաշք մը չըրաւ, 10։42 Բայց ինչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր համար՝ ամէնը ճշմարիտ էր»։ 42 Եւ շատ մարդիկ հոն անոր հաւատացին։

ՂԱԶԱՐՈՍԻՆ ՄԱՀԸ

11 1 Մարիամին եւ անոր քրոջ Մարթային գիւղէն, Բեթանիայէն, Ղազարոս անունով մէկը հիւանդ էր։ Ասիկա այն Մարիամն էր, որ Տէրը օծեց ու անոր ոտքերը իր մազերովը սրբեց, որուն եղբայրն էր հիւանդ Ղազարոսը։ Ուստի իր քոյրերը մարդ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է»։ Յիսուս, երբ լսեց՝ ըսաւ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի»։ Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը։ Երբ լսեց թէ հիւանդ է, եղած տեղը երկու օր ալ կեցաւ։ Անկէ ետքը ըսաւ աշակերտներուն. «Եկէ՛ք, նորէն Հրէաստան երթանք»։ Աշակերտները իրեն ըսին. «Ռաբբի, Հրեաները հիմա քեզ կը փնտռէին քարկոծելու համար, նորէն հո՞ն կ’երթաս»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Չէ՞ որ օրը տասներկու ժամ է։ Եթէ մէկը ցորեկը քալէ՝ չի սահիր, վասն զի այս աշխարհին լոյսը կը տեսնէ. 10 Բայց եթէ մէկը գիշերը քալէ՝ կը սահի, վասն զի իրեն հետ լոյս չկայ»։ 11 Այս բաները ըսելէն յետոյ ըսաւ անոնց. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։ 12 Իր աշակերտները ըսին. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է, պիտի արթննայ»։ 13 Յիսուս անոր մեռնելուն համար կ’ըսէր, բայց անոնք կը կարծէին թէ քնանալուն մասին կը խօսի։ 14 Այն ատեն Յիսուս յայտնապէս ըսաւ անոնց. «Ղազարոս մեռաւ 15 Եւ ես ուրախ եմ ձեզի համար որ հոն չէի, որպէս զի դուք հաւատաք. բայց եկէ՛ք երթանք անոր»։ 16 Թովմաս, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, ըսաւ իր աշակերտակիցներուն. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք»։

ՅԻՍՈՒՍ՝ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ

17 Յիսուս երբ գնաց, գտաւ որ անիկա արդէն չորս օրուան գերեզմանը դրուած էր։ 18 Բեթանիա Երուսաղէմի մօտ էր՝ տասնըհինգ ասպարէզի չափ։ 19 Հրեաներէն շատեր Մարթային ու Մարիամին եկած էին, որպէս զի մխիթարեն զանոնք իրենց եղբօրը համար։ 20 Արդ՝ երբ Մարթան լսեց թէ Յիսուս կու գայ, զանիկա դիմաւորելու գնաց, բայց Մարիամ տանը մէջ նստեր էր։ 21 Մարթա ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ. 22 Բայց գիտեմ թէ հիմա ալ դուն ինչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի»։ 23 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ 24 Մարթա ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ 25 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. 26 Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի։ Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։ 27 Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ որ աշխարհ գալու էիր»։

ՅԻՍՈՒՍ ԼԱՑԱՒ

28 Ասիկա ըսելէ վերջ, գնաց իր քոյրը Մարիամը գաղտուկ մը կանչեց՝ ըսելով. «Վարդապետը եկեր է ու քեզ կը կանչէ»։ 29 Անիկա լսածին պէս՝ շուտ մը ելաւ ու գնաց անոր։ 30 Յիսուս դեռ գիւղը եկած չէր, հապա այն տեղն էր, ուր Մարթան զինք դիմաւորեց։ 31 Հրեաները, որ անոր հետ տանը մէջ էին ու կը մխիթարէին զանիկա, երբ տեսան թէ Մարիամ շուտ մը ելաւ ու գնաց, իրենք ալ անոր ետեւէն գացին՝ խորհելով թէ գերեզմանը կ’երթայ որպէս զի հոն լայ։ 32 Իսկ Մարիամ, երբ Յիսուսին եղած տեղը հասաւ, զանիկա տեսաւ, անոր ոտքը իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ 33 Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա որ կու լար եւ անոր հետ եղող Հրեաները, որոնք կու լային, իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ, 34 Եւ ըսաւ. «Ո՞ւր դրած էք զանիկա»։ Ըսին իրեն. «Տէ՛ր, եկուր ու տես»։ 35 Յիսուս լացաւ։ 36 Ուստի Հրեաները կ’ըսէին. «Նայեցէք որչա՜փ կը սիրէր զանիկա»։ 37 Անոնցմէ ոմանք ալ կ’ըսէին. «Ատիկա որ կոյրին աչքերը բացաւ, չէ՞ր կրնար ընել որ աս ալ չմեռնէր»։

ՂԱԶԱՐՈՍ ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻ

38 Յիսուս նորէն իր սրտին մէջ հառաչելով գերեզման գնաց։ Անիկա քարայր մըն էր ու անոր վրայ քար մը դրուած էր։ 39 Յիսուս ըսաւ. «Մէկդի՛ ըրէք այս քարը»։ Մեռելին քոյրը՝ Մարթան՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, արդէն հոտած պիտի ըլլայ, վասն զի չորս օրուան է»։ 40 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես»։ 41 Այն ատեն մէկդի ըրին քարը։ Յիսուս իր աչքերը վեր վերցուց ու ըսաւ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր։ 42 Ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես. բայց այս բոլորտիքս կայնող ժողովուրդին համար ըսի, որպէս զի հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս»։ 43 Ասիկա ըսելէն ետքը՝ մեծ ձայնով մը կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ 44 Մեռելն ալ ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ»։

ԴԱՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԴԷՄ

(Մատթ. 26։1-5, Մարկ. 14։1-2, Ղուկ. 22։1-2)

45 Եւ Հրեաներէն շատեր, որոնք Մարիամին հետն էին, Երբ Յիսուսին ըրածը տեսան, հաւատացին իրեն։ 46 Անոնցմէ ոմանք ալ գացին Փարիսեցիներուն ու Յիսուսին ըրածը անոնց պատմեցին։

47 Ուստի քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողով գումարեցին ու ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ։ 48 Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը»։ 49 Անոնցմէ մէկը՝ Կայիափա անունով՝ որ այն տարուան քահանայապետն էր, ըսաւ անոնց. 50 «Դուք բան մը չէ՛ք գիտեր, չէ՛ք ալ խորհիր թէ աղէկ է մեզի՝ որ մարդ մը ժողովուրդին համար մեռնի ու բոլոր ազգը չկորսուի»։ 51 Բայց այս բանը ո՛չ թէ ինքնիրմէ ըսաւ հապա այն տարուան քահանայապետը ըլլալով, մարգարէացաւ թէ Յիսուս ազգին համար պիտի մեռնէր. 52 Եւ ո՛չ միայն ազգին համար, հապա որպէս զի Աստուծոյ ցիրուցան եղած որդիներն ալ մէկտեղ ժողվէ։

53 Այն օրէն յետոյ որոշեցին, որ սպաննեն զանիկա։ 54 Ուստի Յիսուս ա՛լ համարձակ չէր պտըտեր Հրեաներուն մէջ, հապա անկէ անապատին մօտ տեղ մը գնաց, քաղաք մը, որուն անունը Եփրայիմ էր ու իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ հոն կեցաւ։

55 Երբ Հրեաներուն զատիկը մօտեցաւ, անկէ շատ մարդիկ զատկէն առաջ Երուսաղէմ գացին, որպէս զի ինքզինքնին մաքրեն։ 56 Ու կը փնտռէին Յիսուսը ու տաճարին մէջ կեցած ատեննին իրարու կ’ըսէին. «Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, անշուշտ այս տօնին բնաւ պիտի չգայ»։ 57 Իսկ քահանայապետներն ու փարիսեցիները պատուէր տուեր էին, որ եթէ մէկը գիտնայ անոր ո՛ւր ըլլալը՝ իմացնէ, որպէս զի զանիկա բռնեն։

ՅԻՍՈՒՍ ԲԵԹԱՆԻԱՅԻ ՄԷՋ Կ’ՕԾՈՒԻ

(Մատթ. 26։6-13, Մարկ. 14։3-9)

12 1 Յիսուս զատկէն վեց օր առաջ Բեթանիա գնաց, ուր էր Ղազարոսը, որ Յիսուս մեռելներէն յարուցանեց։ Հոն՝ անոր ընթրիք մը պատրաստեցին ու Մարթա սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Ղազարոս անոր հետ սեղան նստողներէն մէկն էր։ Իսկ Մարիամ մէկ լիտր նարդոսի պատուական մեծագին իւղ առնելով, Յիսուսին ոտքերը օծեց ու իր մազերովը անոր ոտքերը սրբեց եւ տունը իւղին անուշահոտութիւնովը լեցուեցաւ։ Այն ատեն աշակերտներէն մէկը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդան, որ զանիկա պիտի մատնէր, ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր»։ Ասիկա ըսաւ, ո՛չ թէ աղքատները հոգալուն համար, հապա որ գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ ձգուէր՝ ինք կը կրէր։ Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուր ատոր, այդ բանը իմ թաղմանս օրուանը համար պահեց։ Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ են, բայց ես ամէն ատեն ձեզի հետ պիտի չըլլամ»։

ԴԱՒ ՂԱԶԱՐՈՍԻՆ ԴԷՄ

Հրեաներէն շատ ժողովուրդ անոր հոն ըլլալը իմացան ու եկան ո՛չ միայն Յիսուսին համար, հապա որպէս զի Ղազարոսն ալ տեսնեն, որ մեռելներէն յարուցանած էր։ 10 Իսկ քահանայապետները խորհուրդ ըրին, որ Ղազարոսն ալ մեռցնեն. 11 Վասն զի Հրեաներէն շատեր անոր պատճառաւ կ’երթային ու կը հաւատային Յիսուսին։

ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

(Մատթ. 21։1-11, Մարկ. 11։1-11, Ղուկ. 19։28-40)

12 Հետեւեալ օրը շատ ժողովուրդ, որ տօնին եկած էին, երբ լսեցին թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, 13 Արմաւենիի ոստեր առին ու ելան զանիկա դիմաւորելու եւ կ’աղաղակէին. «Ովսա՛ննա, օրհնեալ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ Տէրոջը անունովը կու գայ»։ 14 Յիսուս աւանակ մը գտնելով՝ անոր վրայ նստաւ, ինչպէս գրուած է. 15 «Մի՛ վախնար, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ահա քու Թագաւորդ կու գայ իշու աւանակի վրայ նստած»։ 16 Անոր աշակերտները առաջ չիմացան այն բաները, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն մտքերնին բերին թէ այս բաները անոր համար գրուած էին եւ թէ իրենք այս բաները ըրին անոր։ 17 Իրեն հետ եղող ժողովուրդը կը վկայէր թէ ա՛ն Ղազարոսը գերեզմանէն դուրս կանչեց ու մեռելներէն յարուցանեց զանիկա։ 18 Ասոր համար ալ ժողովուրդը զանիկա դիմաւորեց, վասն զի լսեցին թէ անիկա այս հրաշքը ըրած էր։ 19 Իսկ փարիսեցիները իրարու կ’ըսէին. «Կը տեսնէ՞ք որ օգուտ մը չենք կրնար ընել. ահա բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։

ՔԱՆԻ ՄԸ ՅՈՅՆԵՐ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ

20 Քանի մը Յոյներ կային տօնին երկրպագութիւն ընելու ելլողներուն մէջ։ 21 Ասոնք Փիլիպպոսին եկան, որ Գալիլիայի Բեթսայիդայէն էր եւ կ’աղաչէին անոր ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, կ’ուզենք Յիսուսը տեսնել»։ 22 Փիլիպպոս եկաւ ու Անդրէասին ըսաւ եւ յետոյ Անդրէաս ու Փիլիպպոս մէկտեղ Յիսուսին ըսին։ 23 Յիսուս ալ պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ։ 24 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’։ 25 Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա։ 26 Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա»։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

27 «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’. բայց ես եկայ այս ժամուան համար։ 28 ‘Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ’»։ Այն ատեն ձայն մը եկաւ երկնքէն. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։ 29 Ժողովուրդը, որ կայներ էր ու կը լսէր, կ’ըսէին. «Որոտում կ’ըլլայ»։ Ոմանք ալ կ’ըսէին. «Հրեշտակ խօսեցաւ իրեն հետ»։ 30 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այս ձայնը ինծի համար չեկաւ, հապա ձեզի համար։ 31 Հիմա է այս աշխարհին դատաստանը, հիմա այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի։ 32 Ես ալ երբ երկրէն բարձրանամ, ամէնքդ ալ ինծի պիտի քաշեմ»։ 33 Այս բանը կ’ըսէր՝ իմացնելով թէ ի՛նչ կերպ մահով պիտի մեռնէր։ 34 Ժողովուրդը անոր պատասխանեց. «Մենք օրէնքէն լսեցինք թէ Քրիստոս յաւիտեան կը մնայ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ պէտք է Որդին մարդոյ բարձրանայ. ո՞վ է այդ Որդին մարդոյ»։ 35 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քիչ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քանի որ լոյսը ունիք, քալեցէ՛ք, որ չըլլայ թէ մութը ձեր վրայ հասնի. վասն զի խաւարի մէջ քալողը չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։ 36 Քանի որ լոյսը ունիք, հաւատացէ՛ք այն լոյսին, որպէս զի լուսոյ որդիներ ըլլաք»։ Յիսուս այս բաները խօսեցաւ ու գնաց պահուեցաւ անոնցմէ։

ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ ԱՆՀԱՒԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

37 Թէպէտ այնքան հրաշքներ ըրած էր անոնց առջեւ, բայց անոնք չէին հաւատար իրեն. 38 Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին խօսքը, որ ըսաւ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին եւ Տէրոջը բազուկը որո՞ւ յայտնուեցաւ»։ 39 Անոր համար չէին կրնար հաւատալ, քանի որ դարձեալ կ’ըսէ Եսայի. 40 «Անոնց աչքերը կուրցուց եւ անոնց սրտերը թմրեցուց, որ չըլլայ թէ աչքովնին տեսնեն ու սրտովնին իմանան եւ դարձի գան ու ես զանոնք բժշկեմ»։ 41 Այս խօսքը ըսաւ Եսային՝ երբ տեսաւ անոր փառքը ու խօսեցաւ անոր վրայով։ 42 Ամէն պարագայի իշխաններէն ալ շատեր իրեն հաւատացին, բայց փարիսեցիներէն վախնալով զայն չէին դաւաներ, որպէս զի ժողովարանէն դուրս չձգուին. 43 Վասն զի մարդոց փառքը Աստուծոյ փառքէն աւելի սիրեցին։

ԴԱՏՈՒՄ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԽՕՍՔՈՎ

44 Յիսուս կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, ինծի չի հաւատար, հապա զիս ղրկողին. 45 Եւ ան որ զիս կը տեսնէ, զիս ղրկողը կը տեսնէ։ 46 Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ։ 47 Եթէ մէկը իմ խօսքերս լսէ ու չհաւատայ, ես զանիկա պիտի չդատեմ, քանզի ես չեկայ որպէս զի աշխարհը դատեմ, հապա որպէս զի աշխարհը փրկեմ։ 48 Ան, որ զիս կ’անարգէ եւ իմ խօսքերս չ’ընդունիր, կայ մէկը որ զանիկա պիտի դատէ. այն խօսքը որ ես խօսեցայ, ան պիտի դատէ զանիկա վերջին օրը։ 49 Վասն զի ես ինքնիրմէս չխօսեցայ, հապա Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ։ 50 Եւ գիտեմ թէ անոր պատուիրածը յաւիտենական կեանք է. ուստի ինչ որ ես կը խօսիմ, ինչպէս Հայրը ինծի ըսաւ, այնպէս կը խօսիմ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈՏՔԵՐԸ ԿԸ ԼՈՒԱՅ

13 1 Զատկի տօնէն առաջ՝ Յիսուս գիտնալով թէ իր ժամանակը հասեր է, որ այս աշխարհէն ելլէ Հօրը քով, սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք։

Երբ ընթրիքը կ’ըլլար, Սատանան արդէն Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային սրտին մէջ դրեր էր, որ զանիկա մատնէ, Յիսուս գիտնալով թէ Հայրը ամէն բան իր ձեռքը տուաւ եւ թէ ինք Աստուծմէ ելաւ ու Աստուծոյ քով պիտի երթայ, Ընթրիքէն ելաւ եւ հանդերձները մէկդի դրաւ ու ղենջակ մը առնելով մէջքը փաթթեց։ Ետքը կոնքին մէջ ջուր լեցուց ու սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ իր փաթթուած ղենջակովը սրբել։ Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսին, ան ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ես ինչ որ կ’ընեմ, դուն հիմա չես իմանար, հապա ետքը պիտի իմանաս»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Բնա՛ւ դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս»։ Պատասխան տուաւ անոր Յիսուս. «Եթէ քեզ չլուամ, դուն ինծի հետ բաժին չունիս»։ Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՛չ միայն ոտքերս, հապա նաեւ ձեռքերս ու գլուխս»։ 10 Յիսուս ըսաւ անոր. «Լուացուածին՝ ոտքերը լուալէն զատ ուրիշ բան պէտք չէ. ա՛լ բոլորովին մաքուր է. եւ դուք մաքուր էք, ո՛չ թէ ամէնքդ», 11 Վասն զի կը ճանչնար զանիկա, որ զինք պիտի մատնէր. անոր համար ըսաւ. «Ոչ թէ ամէնքդ ալ մաքուր էք»։ 12 Երբ անոնց ոտքերը լուաց եւ իր հանդերձները առնելով նորէն սեղան նստաւ, ըսաւ անոնց. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։ 13 Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։ 14 Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ 15 Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք։ 16 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ, ոչ ալ ղրկուածը զինք ղրկողէն մեծ է’։ 17 Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք։ 18 Ո՛չ թէ ձեր ամենուն համար կ’ըսեմ, վասն զի ես կը ճանչնամ զանոնք որ ես ընտրեցի, հապա որպէս զի այն գրուածը կատարուի թէ՝ ‘Ան որ ինծի հետ հաց կ’ուտէր, ինծի դէմ կրունկ վերցուց’։ 19 Հիմակուընէ կ’ըսեմ ձեզի երբ դեռ չէ եղեր, որպէս զի երբ ըլլայ, հաւատաք թէ ես ան եմ։ 20 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ով որ կ’ընդունի զանիկա զոր ես կը ղրկեմ, զիս կ’ընդունի եւ ո՛վ որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի’»։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՄԱՏՆՈՒԻԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ

(Մատթ. 26։20-25, Մարկ. 14։17-21, Ղուկ. 22։21-23)

21 Յիսուս երբ ասիկա ըսաւ, իր հոգիին մէջ խռովեցաւ եւ վկայեց՝ ըսելով. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։ 22 Ուստի աշակերտները տարակուսած իրարու կը նայէին թէ որո՞ւ համար կ’ըսէ։ 23 Աշակերտներէն մէկը կար Յիսուսին քով նստած, զոր Յիսուս կը սիրէր։ 24 Սիմոն Պետրոս անոր աչք կ’ընէր հարցնելու թէ ո՞վ պիտի ըլլայ անիկա՝ որուն համար կ’ըսէ։ 25 Ան ալ Յիսուսին կուրծքին վրայ իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞վ է ան»։ 26 Յիսուս պատասխան տուաւ. «Անիկա է՝ որուն այս պատառը թրջելով կու տամ»։ Եւ թրջելով պատառը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային տուաւ 27 Պատառէն ետքը Սատանան անոր ներսը մտաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ»։ 28 Բայց այս բանը սեղան նստողներէն մէ՛կը չհասկցաւ, թէ ինչո՞ւ համար ըսաւ անոր։ 29 Վասն զի ոմանք կը խորհէին թէ՝ որովհետեւ գանձանակը Յուդան կը պահէր, Յիսուս անոր կ’ըսէր. «Ծախո՛ւ առ ինչ որ մեզի այս տօնին պէտք է, կամ՝ որպէս զի աղքատներուն բան մը տայ»։ 30 Անիկա ալ պատառը առածին պէս շուտ մը դուրս ելաւ ու գիշեր էր։

ՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ

31 Երբ անիկա դուրս ելաւ, Յիսուս ըսաւ. «Հիմա փառաւորուեցաւ Որդին մարդոյ ու Աստուած փառաւորուեցաւ անով. 32 Եթէ Աստուած անով փառաւորուեցաւ, Աստուած ալ զանիկա իր անձովը պիտի փառաւորէ եւ շուտով պիտի փառաւորէ զանիկա։ 33 Ո՛րդեակներ, քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ եմ, զիս պիտի փնտռէք եւ ինչպէս Հրեաներուն ըսի թէ՝ ‘Ես ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’, հիմա ձեզի ալ կ’ըսեմ. 34 ‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։ 35 Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։

ՅԻՍՈՒՍ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՈՒՐԱՆԱԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ

(Մատթ. 26։31-35, Մարկ. 14։27-31, Ղուկ. 22։31-34)

36 Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞ւր կ’երթաս»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ուր ես կ’երթամ, դուն հիմա չես կրնար իմ ետեւէս գալ, բայց ետքը պիտի գաս իմ ետեւէս»։ 37 Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար քու ետեւէդ գալ. ես իմ կեանքս ալ քեզի համար պիտի դնեմ»։ 38 Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Քու կեա՞նքդ պիտի դնես ինծի համար. ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Հաւը պիտի չխօսի՝ մինչեւ դուն երեք անգամ զիս ուրանաս»։

ՅԻՍՈՒՍ՝ ՃԱՄԲԱՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԸ

14 1 «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք։ Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ ‘Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’։ Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք։ Ո՛ւր որ ես կ’երթամ՝ գիտէք ու ճամբան ալ գիտէք»։

Թովմաս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՞ւր կ’երթաս եւ ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով։ Եթէ զիս ճանչնայիք, իմ Հայրս պիտի ճանչնայիք եւ ասկէ յետոյ պիտի ճանչնաք զանիկա ու տեսնէք զանիկա»։

Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր ու հերիք է մեզի»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ Հայրը մեզի ցուցուր։ 10 Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ, հապա Հայրը, որ իմ մէջս բնակած է, անիկա կը գործէ այս գործերը։ 11 Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է. 12 Ապա թէ ոչ՝ գոնէ գործերուն համար ինծի հաւատացէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ’։ Վասն զի ես Հօրս քով կ’երթամ։ 13 Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա, որպէս զի Հայրը Որդիովը փառաւորուի։ 14 Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ։ 15 Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք»։

ՅԻՍՈՒՍ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՂՐԿԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ

16 «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. 17 Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, վասն զի չի տեսներ զանիկա ու չի ճանչնար զանիկա. բայց դուք կը ճանչնաք զանիկա, վասն զի ձեր քով կը բնակի եւ ձեր մէջ պիտի ըլլայ։ 18 Ձեզ որբ չեմ թողուր, կու գամ ձեզի։ 19 Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ. բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, վասն զի կենդանի եմ եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք։ 20 Այն օրը պիտի գիտնաք թէ ես իմ Հօրս մէջն եմ եւ դուք իմ մէջս, ես ալ ձեր մէջը։ 21 Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։

22 Ըսաւ անոր Յուդա, ոչ Իսկարիովտացին. «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ դուն ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ո՛չ թէ աշխարհի»։ 23 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ եւ անոր պիտի գանք ու անոր քով օթեւան պիտի ընենք։ 24 Ան որ զիս չի սիրեր, իմ խօսքերս չի պահեր։ Այն խօսքը որ կը լսէք՝ իմս չէ, հապա Հօրս՝ որ զիս ղրկեց։ 25 Այս բաները ձեզի խօսեցայ, քանի որ ձեր քովն եմ, 26 Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ։ 27 Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ։ 28 Լսեցիք որ ես ըսի ձեզի թէ ‘Կ’երթամ ու ձեզի կու գամ’. եթէ զիս սիրէիք՝ պիտի ուրախանայիք, որ ես Հօրը քով կ’երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինձմէ մեծ է։ 29 Եւ հիմա դեռ չեղած ըսի ձեզի, որպէս զի երբ ըլլայ՝ հաւատաք։ 30 Ա՛լ ձեզի հետ շատ պիտի չխօսիմ, վասն զի այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի. 31 Միայն թէ աշխարհ գիտնայ որ ես Հայրը կը սիրեմ ու ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ։ Ելէ՛ք, ասկէ երթանք»։

ՅԻՍՈՒՍ ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՐԹԸ

15 1 «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է։ Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ Դուք հիմա մաքուր էք այն խօսքով որ ձեզի խօսեր եմ։ Իմ մէջս կեցէք ու ես ձեր մէջ։ Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։ Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք։ Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել։ Եթէ մէկը իմ վրաս հաստատուած չէ, անիկա ճիւղի մը պէս դուրս ձգուած ու չորցած է եւ կը ժողվեն զանոնք ու կրակը կը նետեն ու կ’այրեն։ Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի։ Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք»։

«Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք։ 10 Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ։ 11 Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ մնայ ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ։ 12 Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ 13 Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ 14 Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ։ 15 Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասն զի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի։ 16 Ո՛չ թէ դուք զիս ընտրեցիք, հապա ե՛ս ձեզ ընտրեցի ու դրի ձեզ որպէս զի դուք երթաք եւ պտուղ բերէք ու ձեր պտուղը մնայ, որպէս զի իմ անունովս ինչ որ Հօրմէս խնդրէք, ձեզի տայ։ 17 Ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք»։

ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

18 «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ 19 Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ։ 20 Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ’։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձե՛րն ալ պիտի պահեն։ 21 Բայց այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա որ զիս ղրկեց։ 22 Եթէ ես եկած եւ անոնց խօսած չըլլայի, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա իրենց մեղքին պատճառանք մը չունին։ 23 Ան որ զիս կ’ատէ, իմ Հայրս ալ կ’ատէ։ 24 Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ։ 25 Սակայն այս եղաւ որպէս զի կատարուի այն խօսքը, որ իրենց օրէնքին մէջ գրուած է, թէ՝ ‘Զուր տեղը զիս ատեցին’։ 26 Բայց երբ Մխիթարիչը գայ, որ ես Հօրմէն ձեզի պիտի ղրկեմ, ճշմարտութեան Հոգին՝ որ Հօրմէն կ’ելլէ, անիկա ինծի համար պիտի վկայէ։ 27 Եւ դուք ալ կը վկայէք, վասն զի սկիզբէն ի վեր ինծի հետ էք»։

16 1 «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի չգայթակղիք։ Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի ձգեն ձեզ ու ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ։ Եւ այս բաները ձեզի պիտի ընեն՝ անոր համար որ ո՛չ Հայրը ճանչցան, ո՛չ ալ՝ զիս։ Բայց այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի երբ ժամանակը գայ, մտքերնիդ բերէք թէ ես ըսի ձեզի։ Այս բաները սկիզբէն չըսի ձեզի, վասն զի ես ձեզի հետ էի»։

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ԳՈՐԾԸ

«Հիմա ես կ’երթամ զիս ղրկողին քով եւ ձեզմէ մէ՛կն ալ չի հարցներ ինծի թէ ‘Ո՞ւր կ’երթաս’։ Բայց՝ որովհետեւ այս բաները ձեզի խօսեցայ, ձեր սրտերը տրտմութիւնով լեցուեցան։ Բայց ես ճշմարիտը կ’ըսեմ ձեզի. ‘Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ’։ Եւ ինք երբ գայ, աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար։ Մեղքի համար՝ որ ինծի չեն հաւատար. 10 Արդարութեան համար՝ որ ես իմ Հօրս քով կ’երթամ եւ ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք. 11 Եւ դատաստանի համար՝ որ այս աշխարհին իշխանը դատապարտուած է։ 12 Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ։ 13 Իսկ երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ, վասն զի ո՛չ թէ ինքնիրմէ պիտի խօսի, հապա ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի ու գալիքները ձեզի պիտի պատմէ։ 14 Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, վասն զի իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ։ 15 Այն ամէն բաները, որոնք Հայրը ունի՝ իմս են. անոր համար ձեզի ըսի թէ իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ»։

ՏԽՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

16 «Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք, քանզի ես Հօրը կ’երթամ»։

17 Ասոր համար աշակերտներէն ոմանք իրարու կ’ըսէին. «Ի՞նչ է այս որ մեզի կ’ըսէ թէ՝ ‘Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք, քանզի ես Հօրը կ’երթամ’»։ 18 Ու կ’ըսէին. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն ‘Քիչ մըն ալ’ը՝ որ կ’ըսէ. չենք գիտեր ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»։ 19 Յիսուս իմանալով որ կ’ուզեն իրեն հարցնել, ըսաւ անոնց. «Ատո՞ր համար իրարու կը հարցնէք, որ ըսի թէ՝ ‘Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք’։ 20 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհ պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի’։ 21 Կին մը երբ ծնանելու վրայ է՝ տրտմութիւն կ’ունենայ, վասն զի իր ժամը հասած է. բայց երբ տղան ծնանի, ա՛լ նեղութիւնը միտքը չի բերեր ուրախութենէն՝ քանի որ մարդ մը աշխարհ եկաւ։ 22 Յիրաւի հիմա դուք տրտմութիւն ունիք. բայց ես ձեզ նորէն պիտի տեսնեմ եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան ու ձեր ուրախութիւնը մէ՛կը ձեզմէ պիտի չհանէ։ 23 Այն օրը ինծի բան մը պիտի չհարցնէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի։ 24 Մինչեւ հիմա իմ անունովս բա՛ն մը չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆ

25 «Այս բաները առակներով խօսեցայ ձեզի. բայց ժամանակ պիտի գայ, որ ա՛լ առակներով պիտի չխօսիմ, հապա յայտնապէս Հօրը վրայով պիտի պատմեմ ձեզի։ 26 Այն օրը իմ անունովս պիտի խնդրէք։ Չեմ ըսեր ձեզի թէ ե՛ս ձեզի համար պիտի աղաչեմ Հօրը. 27 Քանզի ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ։ 28 Հօրմէն ելայ ու աշխարհ եկայ. նորէն կը թողում աշխարհը եւ Հօրը կ’երթամ»։

29 Ըսին անոր իր աշակերտները. «Ահա հիմա յայտնապէս կը խօսիս եւ առակ մըն ալ չես ըսեր։ 30 Հիմա իմացանք թէ ամէն բան գիտես եւ բա՛ն մըն ալ պէտք չէ որ մէկը քեզի հարցնէ. ասով կը հաւատանք թէ Աստուծմէ եկար»։ 31 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Հիմա կը հաւատա՞ք. 32 Ահա ժամանակ պիտի գայ ու եկած ալ է, որ ցիրուցան պիտի ըլլաք ամէն մէկդ իր տեղը ու զիս մինակ պիտի թողուք. բայց ես մինակ չեմ, վասն զի Հայրը ինծի հետ է։ 33 Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։

ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԱՂՕԹԷ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

17 1 Յիսուս երբ ասոնք խօսեցաւ, իր աչքերը դէպի երկինք վերցուց ու ըսաւ. «Հա՛յր, ժամանակը հասեր է, փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ. Ինչպէս իրեն իշխանութիւն տուիր ամէն մարմնի վրայ, որ յաւիտենական կեանք տայ այն ամենուն զոր իրեն տուիր։ Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։ Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի։ Եւ հիմա, ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի։ Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր։ Քուկդ էին ու ինծի տուիր զանոնք եւ անոնք քու խօսքդ պահեցին։ Հիմա գիտցան թէ այն ամէն բաները որոնք ինծի տուիր, քեզմէ են. Վասն զի այն խօսքերը որոնք ինծի տուիր, ես անոնց տուի, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմարտութեամբ իմացան թէ ես քեզմէ ելայ ու հաւատացին թէ դուն ղրկեցիր զիս։ Ես անոնց համար կ’աղաչեմ. ոչ թէ՝ աշխարհին համար, այլ անոնց համար՝ որ դուն ինծի տուիր, վասն զի քուկդ են անոնք։ 10 Եւ ինչ որ իմս է՝ ան քուկդ է եւ ինչ որ քուկդ է՝ ան իմս է ու ես անոնցմով փառաւորուած եմ։ 11 Ես ա՛լ աշխարհի մէջ չեմ, բայց անոնք աշխարհի մէջ են։ Ես քեզի կու գամ, ո՛վ Սուրբ Հայր, քու անունովդ պահէ զանոնք, որ դուն ինծի տուիր, որպէս զի մէկ ըլլան, ինչպէս մենք մէկ ենք։ 12 Երբ ես աշխարհի մէջ անոնց հետ էի, ես կը պահէի զանոնք քու անունովդ։ Անոնք որ դուն ինծի տուիր, ես պահեցի եւ անոնցմէ մէ՛կը չկորսուեցաւ, միայն թէ այն կորստեան որդին, որպէս զի գրուածը կատարուի։ 13 Ա՛լ հիմա քեզի կու գամ։ Աշխարհի մէջ այս բաները կը խօսիմ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս իրենց անձերուն մէջ կատարեալ ըլլայ։ 14 Ես քու խօսքդ անոնց տուի ու աշխարհ զանոնք ատեց, վասն զի աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ 15 Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ 16 Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ 17 Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է։ 18 Ինչպէս դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի։ 19 Անոնց համար ես իմ անձս կը սրբացնեմ, որպէս զի իրենք ալ ճշմարտութիւնով սրբանան։ 20 Բայց միայն անոնց համար չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան. 21 Որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան եւ աշխարհ հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս։ 22 Այն փառքը որ դուն ինծի տուիր, ես անոնց տուի, որպէս զի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք. 23 Ես՝ անոնց մէջ եւ դուն՝ իմ մէջս. որպէս զի իրենք կատարեալ ըլլան միութեան մէջ ու աշխարհ գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս զիս սիրեցիր։ 24 Ո՛վ Հայր, զանոնք որ դուն ինծի տուիր, կ’ուզեմ որ ուր որ ես ըլլամ, անոնք ալ ինծի հետ ըլլան, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, որ ինծի տուիր. վասն զի դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ։ 25 Ո՛վ արդար Հայր, աշխարհ քեզ չճանչցաւ, բայց ես քեզ ճանչցայ եւ ասոնք ճանչցան թէ դո՛ւն զիս ղրկեցիր։ 26 Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 26։47-56, Մարկ. 14։43-50, Ղուկ. 22։47-53)

18 1 Յիսուս այս բաները ըսելէն յետոյ, իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ Կեդրոն հեղեղատին անդիի կողմը գնաց, ուր պարտէզ մը կար, որուն մէջ մտան ինք ու իր աշակերտները։ Յուդա, որ զանիկա պիտի մատնէր, գիտէր այն տեղը, վասն զի Յիսուս շատ անգամ իր աշակերտներուն հետ հոն կը հաւաքուէին։ Յուդա զինուորներու գունդ մը ու քահանայապետներէն եւ փարիսեցիներէն սպասաւորներ իրեն հետ առնելով՝ այն տեղը գնաց ջահերով ու լապտերներով ու զէնքերով։ Յիսուս իրեն պատահելիք բոլոր բաները գիտնալով՝ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Պատասխան տուին անոր. «Նազովրեցի Յիսուսը»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Ե՜ս եմ»։ Յուդան ալ, որ զանիկա պիտի մատնէր, անոնց հետ կայներ էր։ Երբ ըսաւ թէ «Ես եմ», ետ ետ գացին ու գետինը ինկան։ Նորէն հարցուց անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Անոնք ալ ըսին. «Նազովրեցի Յիսուսը»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ձեզի ըսի թէ Ե՛ս եմ. ուստի եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան»։ Անով կատարուեցաւ այն խօսքը, որ ինք ըսեր էր թէ՝ «Զանոնք որ ինծի տուիր, անոնցմէ մէ՛կն ալ չկորսնցուցի»։ 10 Այն ատեն Սիմոն Պետրոս, որ սուր մը ունէր, քաշեց զանիկա ու քահանայապետին ծառային զարնելով՝ անոր աջ ականջը կտրեց։ Այն ծառային անունը Մաղքոս էր։ 11 Յիսուս ըսաւ Պետրոսին. «Սուրդ իր պատեա՛նը դիր. այն գաւաթը որ Հայրը ինծի տուաւ՝ պիտի չխմե՞մ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՆՆԱՅԻՆ ԱՌՋԵՒ

12 Զինուորներուն գունդը ու հազարապետը եւ Հրեայ սպասաւորները բռնեցին Յիսուսը ու կապեցին 13 Եւ առաջ Աննային տարին, քանզի ինք այն տարուան քահանայապետին՝ Կայիափային՝ աներն էր։ 14 Ասիկա ա՛յն Կայիափան էր, որ Հրէից խրատ տուաւ թէ՝ ‘Աղէկ է որ մարդ մը կորսուի ժողովուրդին համար’։

ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ

(Մատթ. 26։69-70, Մարկ. 14։66-68, Ղուկ. 22։55-57)

15 Յիսուսին ետեւէն կ’երթային Սիմոն Պետրոս եւ ուրիշ աշակերտ մը։ Այն աշակերտը քահանայապետին ծանօթ ըլլալով՝ Յիսուսին հետ քահանայապետին գաւիթը մտաւ։ 16 Բայց Պետրոս դուրսը գաւիթը կը կենար. ուստի եկաւ միւս աշակերտը, որ քահանայապետին ծանօթն էր եւ խօսեցաւ դռնապանին հետ ու ներս մտցուց Պետրոսը։ 17 Այն ատեն դռնապան աղջիկը ըսաւ Պետրոսին. «Միթէ դո՞ւն ալ այն մարդուն աշակերտներէն ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Չեմ»։ 18 Իսկ ծառաներն ու սպասաւորները հոն կայներ էին եւ կրակ վառած կը տաքնային, քանզի ցուրտ էր։ Պետրոս ալ անոնց հետ կայներ էր ու կը տաքնար։

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԷ

(Մատթ. 26։59-66, Մարկ. 14։55-64, Ղուկ. 22։66-71)

19 Քահանայապետը Յիսուսին հարցուց իրեն աշակերտներուն ու վարդապետութեանը վրայով։ 20 Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ես աշխարհին յայտնի խօսեցայ. ես ամէն ատեն ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուցի, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին ու ծածուկ բան մը չխօսեցայ։ 21 Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, լսողներուն հարցուր թէ ի՞նչ խօսեցայ իրենց. ահա ինչ որ խօսեցայ՝ գիտեն իրենք»։ 22 Երբ ասիկա ըսաւ, սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կայներ էր, Յիսուսին ապտակ մը զարկաւ՝ ըսելով. «Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին»։ 23 Յիսուս անոր պատասխանեց. «Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար. իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի»։ 24 Աննան զանիկա կապած՝ Կայիափա քահանայապետին ղրկեց։

ՊԵՏՐՈՍ ԴԱՐՁԵԱԼ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ

(Մատթ. 26։71-75, Մարկ. 14։69-72, Ղուկ. 22։58-62)

25 Սիմոն Պետրոս ալ հոն կայներ էր ու կը տաքնար եւ ըսին իրեն. «Միթէ դո՞ւն ալ անոր աշակերտներէն ես»։ Անիկա ուրացաւ ու ըսաւ թէ «Չեմ»։ 26 Քահանայապետին ծառաներէն մէկն ալ, այն մարդուն ազգականը, որուն ականջը Պետրոս կտրեր էր, ըսաւ. «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ»։ 27 Այն ատեն Պետրոս նորէն ուրացաւ։ Նոյն պահուն հաւը խօսեցաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ ԱՌՋԵՒ

(Մատթ. 27։1-2, 11-14, Մարկ. 15։1-5, Ղուկ. 23։1-5)

28 Յիսուսը Կայիափային տունէն կուսակալին պալատը տարին։ Ալ առտու էր։ Իրենք պալատը չմտան, որպէս զի չպղծուին, հապա որպէս զի զատիկը ուտեն։ 29 Ուստի Պիղատոս դուրս ելաւ անոնց ու ըսաւ. «Ի՞նչ ամբաստանութիւն կը ներկայացնէք այս մարդուն դէմ»։ 30 Պատասխան տուին ու ըսին իրեն. «Եթէ ատիկա չարագործ մը չըլլար, քեզի չէինք մատներ զանիկա»։ 31 Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Դուք առէք զանիկա ու ձեր օրէնքին համեմատ անոր դատաստանը տեսէք»։ Հրեաները իրեն ըսին. «Մեզի օրինաւոր չէ մարդ մը մեռցնել»։ 32 Որպէս զի կատարուի Յիսուսին խօսքը, որ ըսաւ՝ իմացնելով թէ ի՛նչ մահով ինք պիտի մեռնէր։ 33 Իսկ Պիղատոս նորէն պալատը մտաւ, կանչեց Յիսուս ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»։ 34 Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ատիկա դուն քեզմէ՞ կ’ըսես, թէ ինծի համար ուրիշներ քեզի ըսին»։ 35 Պատասխան տուաւ Պիղատոս. «Միթէ ես Հրեա՞յ եմ. քու ազգդ եւ քահանայապետները քեզ ինծի մատնեցին. ի՞նչ ըրած ես դուն»։ 36 Յիսուս պատասխան տուաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։ 37 Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Դուն կ’ըսես, քանզի թագաւոր եմ։ Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ

(Մատթ. 27։15-31, Մարկ. 15։6-20, Ղուկ. 23։13-25)

38 Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ Ասիկա ըսելով՝ նորէն դուրս ելաւ Հրեաներուն եւ ըսաւ անոնց. «Ես յանցանք մը չեմ գտներ անոր վրայ։ 39 Բայց սովորութիւն ունիք որ մարդ մը արձակեմ ձեզի զատկին։ Հիմա կ’ուզէ՞ք որ Հրէից թագաւորը արձակեմ ձեզի»։ 40 Այն ատեն ամէնքն ալ նորէն աղաղակեցին՝ ըսելով. «Մի՛ արձակեր ատիկա, հապա Բարաբբան»։ Բարաբբա աւազակ մըն էր։

19 1 Այն ատեն Պիղատոս առաւ Յիսուսը ու ծեծեց։ Զինուորներն ալ փուշերէ պսակ հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին եւ անոր ծիրանի հանդերձ մը հագցուցին. Ու կ’ըսէին. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէի՛ց թագաւոր» եւ ապտակներ կը զարնէին անոր։ Պիղատոս նորէն դուրս ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Ահա զանիկա դուրս կը բերեմ ձեզի, որպէս զի գիտնաք թէ ես անոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ Այն ատեն Յիսուս դուրս ելաւ՝ փշեղէն պսակն ու ծիրանի հանդերձը հագած եւ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Ահա՛ այն մարդը»։ Քահանայապետներն ու սպասաւորները երբ տեսան զանիկա, աղաղակեցին ու ըսին. «Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ [ատիկա]»։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք առէք ատիկա ու խաչը հանեցէք, վասն զի ես ատոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ Հրեաները պատասխան տուին իրեն. «Մենք օրէնք ունինք եւ մեր օրէնքին համեմատ պէտք է որ մեռնի, վասն զի ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրաւ»։ Երբ Պիղատոս այս խօսքը լսեց, ա՛լ աւելի վախցաւ։ Ու նորէն պալատը մտնելով՝ ըսաւ Յիսուսին. «Ուրկէ՞ ես դուն»։ Բայց Յիսուս պատասխան չտուաւ անոր։ 10 Ուստի Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ինծի հետ չե՞ս խօսիր. չե՞ս գիտեր թէ ես իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու ու իշխանութիւն ունիմ քեզ արձակելու»։ 11 Յիսուս պատասխան տուաւ. «Դուն իմ վրաս իշխանութիւն մըն ալ չէիր ունենար, եթէ քեզի վերէն տրուած չըլլար։ Անոր համար՝ ան որ զիս քեզի մատնեց, անոր մեղքը աւելի մեծ է»։ 12 Անկէ յետոյ Պիղատոս կը փնտռէր թէ ի՛նչպէս զանիկա արձակէ. բայց Հրեաները կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ատիկա արձակես, Կայսրին բարեկամը չես. ամէն ով որ ինքզինք թագաւոր կ’անուանէ, անիկա Կայսրին հակառակ կը խօսի»։ 13 Իսկ Պիղատոս, երբ այս խօսքը լսեց, դուրս հանեց Յիսուսը ու նստաւ բեմին վրայ, այն տեղը որ Քարայատակ կը կոչուէր եւ Եբրայեցերէն՝ Կապպաթա. 14 Զատկին ուրբաթ օրն էր ու ժամը վեցին ատեններն էր. եւ Հրեաներուն ըսաւ. «Ահա ձեր թագաւորը»։ 15 Բայց անոնք աղաղակեցին. «Վերցո՛ւր, վերցո՛ւր, խա՛չը հանէ ատիկա»։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ»։ Քահանայապետները պատասխան տուին. «Մենք Կայսրէն զատ թագաւոր չունինք»։ 16 Այն ատեն անոնց ձեռքը տուաւ զանիկա, որպէս զի խաչուի։

ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉԻՆ ՎՐԱՅ ԳԱՄՈՒԵՑԱՒ

(Մատթ. 27։32-44, Մարկ. 15։21-32, Ղուկ. 23։26-43)

17 Անոնք ալ առին Յիսուսը ու կը տանէին. Յիսուս իր խաչը վերցնելով՝ ելաւ Գագաթ ըսուած տեղը, որ Եբրայեցերէն Գողգոթա կը կոչուի։ 18 Հոն զանիկա խաչը հանեցին եւ անոր հետ ուրիշ երկուք ալ՝ ամէն մէկը մէկ կողմը եւ մէջտեղը Յիսուսը։ 19 Տախտակ մըն ալ գրեց Պիղատոս ու դրաւ խաչին վրայ, ուր այսպէս գրուած էր. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Թագաւոր Հրեաներու»։ 20 Եւ տախտակը Հրեաներէն շատեր կարդացին, վասն զի քաղաքին մօտ էր այն տեղը՝ ուր Յիսուս խաչուեցաւ ու գրուած էր Եբրայեցերէն, Յունարէն եւ Լատիներէն։ 21 Այն ատեն Հրէից քահանայապետները Պիղատոսին ըսին. «Մի՛ գրեր Թագաւոր Հրեաներու, հապա թէ՝ ‘Ինք ըսաւ, Թագաւոր եմ Հրեաներու’»։ 22 Պիղատոս պատասխան տուաւ. «Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի»։

23 Զինուորները երբ Յիսուսը խաչը հանեցին, անոր հանդերձները առին ու չորս բաժին ըրին, ամէն մէկ զինուորին բաժին մը. իսկ պատմուճանը առանց կարի էր, վերէն վար հիւսուած. 24 Ուստի ըսին իրարու. «Ատիկա չպատռենք, հապա վիճակ ձգենք ատոր վրայ, թէ որո՞ւ պիտի ըլլայ». որպէս զի կատարուի այն գրուածը որ կ’ըսէ. «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»։ Ահա զինուորները այս բաները ըրին։

25 Յիսուսին խաչին քով կայներ էին իր մայրը եւ իր մօրը քոյրը, Մարիամ՝ Կղէովպասի կինը ու Մարիամ Մագդաղենացին։ 26 Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ այն աշակերտը որ կը սիրէր, որ մօտը կայներ էր, ըսաւ իր մօրը. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ»։ 27 Ետքը ըսաւ աշակերտին. «Ահա՛ քու մայրդ»։ Եւ այն ժամանակէն աշակերտը զանիկա իր քով առաւ։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՀԸ

(Մատթ. 27։45-56, Մարկ. 15։33-41, Ղուկ. 23։44-49)

28 Անկէ ետք, Յիսուս գիտնալով թէ արդէն ամէն բան լմնցած է, որպէս զի գրուածը կատարուի, ըսաւ. «Ծարաւ եմ»։ 29 Եւ հոն քացախով լեցուն աման մը կար. անոնք քացախով սպունգ մը լեցնելով զոպայի մշտիկի վրայ փաթթուած՝ անոր բերնին մօտեցուցին։ 30 Ուստի Յիսուս երբ քացախը առաւ՝ ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» ու գլուխը ծռելով՝ հոգին աւանդեց։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԿՈՂԸ ԽՈՑՈՒԵՑԱՒ

31 Այն ատեն Հրեաները, որովհետեւ ուրբաթ օր էր եւ որպէս զի այն մարմինները խաչին վրայ չմնան մինչեւ շաբաթ օրը, (վասն զի այն շաբաթը մեծ օր էր,) Պիղատոսին աղաչեցին, որ անոնց սրունքները կոտրտեն ու վերցուին։ 32 Զինուորները եկան ու առաջինին սրունքները կոտրտեցին. նաեւ միւսինը՝ որ անոր հետ խաչը ելած էր։ 33 Բայց երբ Յիսուսին մօտեցան ու տեսան թէ արդէն մեռած էր, անոր սրունքները չկոտրտեցին. 34 Բայց զինուորներէն մէկը գեղարդով անոր կողը խոցեց եւ շուտ մը արիւն ու ջուր ելաւ։ 35 Եւ ան որ տեսաւ այս բաները՝ վկայեց ու անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է եւ ինք գիտէ թէ ճշմարիտը կ’ըսէ, որպէս զի դուք ալ հաւատաք։ 36 Վասն զի այս բաները եղան որպէս զի կատարուի այն գրուածը թէ՝ «Անոր մէ՛կ ոսկորը պիտի չկոտրուի»։ 37 Ուրիշ գրուած մը կ’ըսէ թէ՝ «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԹԱՂՈՒՄԸ

(Մատթ. 27։57-61, Մարկ. 15։42-47, Ղուկ. 23։50-56)

38 Ասկէ ետք Յովսէփ, որ Արիմաթիայէն էր, Յիսուսի աշակերտը եղած՝ բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն, խնդրեց Պիղատոսէն որ Յիսուսին մարմինը վերցնէ։ Պիղատոս ալ հրաման տուաւ. ուստի եկաւ, վերցուց Յիսուսին մարմինը։ 39 Նիկոդէմոս ալ եկաւ, որ առաջուընէ գիշերով իր քով եկեր էր, ու բերաւ հարիւր լիտրի չափ զմուռսի ու հալուէի խառնուրդ մը։ 40 Յիսուսին մարմինը առին, խունկերով փաթթեցին զանիկա կտաւներու մէջ, ինչպէս Հրեաները սովորութիւն ունին։ 41 Այն տեղը, ուր խաչուեցաւ, պարտէզ մը կար ու այն պարտէզին մէջ նոր գերեզման մը, որուն մէջ ամենեւին մարդ դրուած չէր։ 42 Հրեաներուն ուրբաթին համար հոն դրին Յիսուսը, վասն զի գերեզմանը մօտ էր։

ՊԱՐԱՊ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ

(Մատթ. 28։1-8, Մարկ. 16։1-8, Ղուկ. 24։1-12)

20 1 Մէկշաբթի օրը Մարիամ Մագդաղենացին առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ գերեզման կ’երթայ ու կը տեսնէ որ քարը գերեզմանին դռնէն վերցուած է։ Անմիջապէս կը վազէ կ’երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր եւ կ’ըսէ անոնց. «Տէրը գերեզմանէն վերցուցին ու չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ Ուստի ելան Պետրոսը եւ միւս աշակերտը ու դէպի գերեզմանը գացին։ Երկուքն ալ մէկտեղ կը վազէին եւ միւս աշակերտը Պետրոսէն աւելի շուտ վազելով՝ անկէ առաջ գերեզմանը հասաւ Եւ ծռելով նայեցաւ ու տեսաւ որ կտաւները հոն կը կենային. բայց ինք ներս չմտաւ։ Սիմոն Պետրոս ալ հասաւ, որ անոր ետեւէն կու գար ու գերեզմանը մտաւ եւ տեսաւ կտաւները, որոնք հոն կը կենային Ու վարշամակը, որ անոր գլուխն էր՝ միւս կտաւներուն հետ չէր, հապա ծալլուած մէկ կողմը դրուած էր։ Այն ատեն ներս մտաւ միւս աշակերտն ալ, որ առաջ գերեզմանը եկեր էր, տեսաւ ու հաւատաց։ Վասն զի դեռ գրուածը չէին գիտեր, թէ ‘Պէտք է որ անիկա մեռելներէն յարութիւն առնէ’։ 10 Ետքը աշակերտները նորէն իրենց տունը գացին։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՐԻԱՄ ՄԱԳԴԱՂԵՆԱՑԻԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Մատթ. 28։9-10, Մարկ. 16։9-11)

11 Բայց Մարիամ գերեզմանին դուրսը կայներ էր եւ կու լար ու երբ կու լար՝ դէպի գերեզմանը ծռեցաւ նայելու։ 12 Տեսաւ երկու հրեշտակներ ճերմակ հանդերձներով, որ նստեր էին, ուր Յիսուսի մարմինը դրուած էր, մէկը գլխուն կողմը ու միւսը ոտքին կողմը։ 13 Անոնք իրեն ըսին. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս»։ Ըսաւ անոնց. «Անոր համար, որ իմ Տէրս գերեզմանէն վերցուցին ու չեմ գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ 14 Երբ ասիկա ըսաւ՝ ետին դարձաւ եւ տեսաւ Յիսուսը, որ կայներ էր ու չէր գիտեր թէ Յիսուսն է։ 15 Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես»։ Ինք կարծելով թէ անիկա պարտիզպանն է, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ»։ 16 Յիսուս ըսաւ անոր. «Մա՛րիամ»։ Ան ալ դարձաւ ու [Եբրայեցերէն] անոր ըսաւ. «Ռաբբունի», որ Վարդապետ ըսել է։ 17 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի մի՛ դպչիր, վասն զի դեռ Հօրս քով ելած չեմ. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով’»։ 18 Մարիամ Մագդաղենացին գնաց ու աշակերտներուն պատմեց թէ ինք Տէրը տեսաւ եւ թէ անիկա այս բաները իրեն ըսաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Մատթ. 28։16-20, Մարկ. 16։14-18, Ղուկ. 24։36-49)

19 Նոյն օրը, մէկշաբթի իրիկունը, աշակերտներուն հաւաքուած տեղին դռները գոց էին՝ Հրեաներէն վախնալնուն համար. Յիսուս եկաւ եւ անոնց մէջտեղը կայնեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ 20 Ասիկա ըսելով՝ իր ձեռքերն ու կողը ցուցուց անոնց։ Աշակերտներն ալ ուրախացան, երբ Տէրը տեսան։ 21 Յիսուս նորէն ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի. ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»։ 22 Ասիկա ըսելով՝ անոնց վրայ փչեց ու ըսաւ անոնց. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին։ 23 Որոնց մեղքերը որ թողուք, թողուած ըլլայ անոնց եւ որոնց մեղքերը որ ետ բռնէք, բռնուած ըլլայ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԹՈՎՄԱՍ

24 Բայց տասներկուքէն մէկը, Երկուորեակ ըսուած Թովմաս անոնց հետ չէր՝ երբ Յիսուս եկաւ։ 25 Երբ միւս աշակերտները ըսին անոր թէ Տէրը տեսանք, ան ալ ըսաւ անոնց. «Եթէ իր ձեռքերուն վրայ բեւեռներուն նշանը չտեսնեմ ու մատս բեւեռներուն տեղը չխոթեմ եւ իմ ձեռքս անոր կողը չխոթեմ՝ չեմ հաւատար»։

26 Ութ օր յետոյ դարձեալ աշակերտները ներսն էին, Թովմաս ալ անոնց հետ. եկաւ Յիսուս, թէեւ դռները գոց էին ու կայնեցաւ անոնց մէջտեղը եւ ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ 27 Ետքը ըսաւ Թովմասին. «Մատդ հո՛ս բեր եւ նայէ՛ իմ ձեռքերուս ու բե՛ր քու ձեռքդ ու իմ կողս խոթէ ու մի՛ ըլլար անհաւատ, հապա հաւատացեալ»։ 28 Եւ Թովմաս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս»։ 29 Յիսուս ըսաւ անոր. «Որովհետեւ դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան»։

ԱՅՍ ԳՐՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

30 Յիսուս շատ ուրիշ նշաններ ալ ըրաւ իր աշակերտներուն առջեւ, որոնք այս գրքին մէջ գրուած չեն։ 31 Բայց ասոնք գրուեցան, որպէս զի հաւատաք թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին եւ որպէս զի հաւատալով կեանք ունենաք անոր անունովը։

ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԵՒԻ ԵՕԹԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ

21 1 Ասկէ յետոյ Յիսուս նորէն ինքզինք իր աշակերտներուն յայտնեց Տիբերիայի ծովուն եզերքը։ Այսպէս յայտնեց։ Մէկտեղ էին Սիմոն Պետրոս ու Թովմաս, Երկուորեակ կոչուածը եւ Նաթանայէլ, որ Գալիլիայի Կանա քաղաքէն էր ու Զեբեդէոսի որդիները եւ աշակերտներէն ուրիշ երկուք ալ։ Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ես ձուկ որսալու կ’երթամ»։ Ըսին անոր. «Մենք ալ կու գանք քեզի հետ»։ Ելան եւ շուտ մը նաւը մտան։ Այն գիշերը բան մը չբռնեցին։ Առտուն, Յիսուս ծովուն եզերքը կայներ էր, բայց աշակերտները չճանչցան թէ Յիսուսն է։ Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։ Պատասխան տուին իրեն. «Ո՛չ»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք»։ Երբ ձգեցին, ձուկերուն շատութենէն՝ չէին կրնար զանիկա քաշել։ Այն ատեն այն աշակերտը որ Յիսուսին սիրելի էր ըսաւ Պետրոսին. «Անիկա Տէրն է»։ Իսկ Սիմոն Պետրոս, երբ լսեց թէ Տէրն է, վերարկուն վրան առաւ, վասն զի մերկ էր ու ծովը նետուեցաւ։ Միւս աշակերտները նաւակով եկան, վասն զի ցամաքէն հեռու չէին, միայն երկու հարիւր կանգունի չափ, եւ ուռկանը ձուկերովը քաշեցին։ Երբ ցամաքը ելան, հոն վառուած կրակ տեսան, վրան ձուկ դրուած եւ հաց։ 10 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Բերէք այդ ձուկերէն, որոնք դուք հիմա բռնեցիք»։ 11 Սիմոն Պետրոս նաւը մտաւ եւ ուռկանը ցամաք քաշեց, հարիւր յիսուներեք խոշոր ձուկերով լեցուն. թէեւ այնչափ շատ բան կար, բայց ուռկանը չպատռուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոնց. 12 «Եկէ՛ք, ճաշ ըրէք»։ Աշակերտներէն մէ՛կն ալ չէր համարձակեր անոր հարցնել. «Դուն ո՞վ ես». վասն զի գիտէին թէ Տէրն է։ 13 Այն ատեն Յիսուս եկաւ ու առաւ հացը եւ անոնց տուաւ, նոյնպէս ալ՝ ձուկը։ 14 Այս երրորդ անգամն էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՊԵՏՐՈՍ

15 Երբ ճաշը ըրին, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսին. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս»։ 16 Նորէն երկրորդ անգամ ըսաւ անոր. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։ 17 Ըսաւ անոր երրորդ անգամ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Պետրոս տրտմեցաւ, որ երեք անգամ իրեն ըսաւ թէ «Զիս կը սիրե՞ս» եւ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես թէ ես քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր Յիսուս. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս։ 18 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, թէ երբ դուն պատանի էիր, ինքնիրմէդ գօտի կը կապէիր ու կ’երթայիր ուր որ ուզէիր. բայց երբ ծերանաս, ձեռքերդ վե՛ր պիտի բռնես եւ ուրիշը գօտիդ պիտի կապէ ու պիտի տանի ուր չես ուզեր»։ 19 Այս բանը ըսաւ՝ ցուցնելով թէ անիկա ի՛նչ մահով պիտի փառաւորէ Աստուած։ Ու երբ ասիկա ըսաւ, ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՄԻՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏԸ

20 Այն ատեն Պետրոս ետեւ դարձաւ ու տեսաւ այն աշակերտը որ Յիսուս կը սիրէր, որ ետեւէն կ’երթար, որ նաեւ ընթրիքին ատենը անոր կուրծքին վրայ ինկեր եւ ըսեր էր. «Տէ՛ր, ո՞վ է որ քեզ պիտի մատնէ»։ 21 Պետրոս զանիկա տեսնելով՝ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, հապա ասիկա ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ 22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն իմ ետեւէս եկուր»։ 23 Այս խօսքը ելաւ եղբայրներուն մէջ թէ այն աշակերտը պիտի չմեռնի. սակայն Յիսուս չըսաւ անոր թէ ‘Պիտի չմեռնի’, հապա՝ ‘Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է’։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

24 Ասիկա այն աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներուն համար, որ գրեց ալ այս բաները ու գիտենք թէ անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է։ 25 Եւ ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը։ Ամէն։