ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՈՎՍԵԱՅ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՈՎՍԵԱՅ

1 1 Տէրոջը խօսքը, որ Բէերիի որդիին Ովսէէին եղաւ, Յուդայի թագաւորներուն, Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային եւ Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը։

ՈՎՍԷԷԻ ԿԻՆՆ ՈՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ

Ովսէէի միջոցով եղած Տէրոջը խօսքին սկիզբը։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Գնա՛, քեզի պոռնկութեան կին մը ու պոռնկութեան տղաքներ ա՛ռ, քանզի երկիրը Տէրոջմէ խոտորելով՝ խիստ շատ պոռնկացաւ»։

Անիկա գնաց ու Դաբելայիմին աղջիկը՝ Գոմերը՝ առաւ եւ անիկա յղացաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։ Տէրը անոր ըսաւ. «Անոր անունը Յեզրայէլ դի՛ր, քանզի քիչ ատենէն Յեզրայէլի մէջ թափուած արիւնները Յէուին տունէն պիտի պահանջեմ ու Իսրայէլին տանը թագաւորութիւնը պիտի վերջացնեմ։ Այն օրը Յեզրայէլի հովիտին մէջ Իսրայէլին աղեղը պիտի կոտրեմ»։

Գոմեր դարձեալ յղացաւ ու աղջիկ մը ծնաւ։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Անոր անունը Լօրուհամա դի՛ր, քանզի ա՛լ պիտի չողորմիմ Իսրայէլի տանը. հապա զանիկա բոլորովին պիտի վերցնեմ։ Բայց Յուդային տանը ողորմութիւն պիտի ընեմ ու զանոնք իրենց Տէր Աստուծմով պիտի փրկեմ։ Զանոնք աղեղով կամ սուրով կամ պատերազմով, ձիերով կամ ձիաւորներով պիտի չփրկեմ»։

Երբ Լօրուհաման կաթէն կտրեց, նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Անոր անունը Լօամմի դի՛ր, քանզի դուք իմ ժողովուրդս չէք ու ես ձեզի Աստուած պիտի չըլլամ»։

ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ

10 «Բայց Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազի պէս պիտի ըլլայ, որ անչափ ու անթիւ է ու այն տեղ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք ‘Կենդանի Աստուծոյն որդիները պիտի կոչուին’։ 11 Եւ Յուդայի որդիներն ու Իսրայէլի որդիները մէկտեղ պիտի հաւաքուին ու իրենց վրայ իշխան մը պիտի դնեն ու երկրէն պիտի ելլեն, քանզի Յեզրայէլի օրը մեծ պիտի ըլլայ»։

ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԳՈՄԵՐԸ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՍՐԱՅԷԼԸ

2 1 Ձեր եղբայրներուն Ամմի,

Ու ձեր քոյրերուն Րուհամա ըսէք։

 Վիճեցէ՛ք ձեր մօրը հետ, վիճեցէք,

Քանզի անիկա իմ կինս չէ

Ու ես անոր այրը չեմ։

Անիկա իր երեսէն իր պոռնկութիւնները

Ու իր ծիծերուն մէջէն իր շնութիւնները թող վերցնէ,

 Որ չըլլայ թէ զանիկա մերկացնեմ,

Զանիկա իր ծննդեան օրուանը պէս թողում,

Զանիկա անապատի դարձնեմ,

Զանիկա անջուր երկրի պէս ընեմ,

Զանիկա ծարաւով մեռցնեմ։

 Անոր որդիներուն ողորմութիւն պիտի չընեմ,

Քանզի անոնք պոռնկութեան որդիներ են։

 Անոնց մայրը պոռնկութիւն ըրաւ,

Զանոնք յղացողը խայտառակութիւն գործեց։

Վասն զի ըսաւ. «Իմ տարփածուներուս ետեւէն երթամ,

Որոնք իմ հացս ու ջուրս, բուրդս ու քթանս,

Իւղս ու խմելիքներս ինծի կու տան»։

 Անոր համար ահա ես փուշերով ցանկ պիտի քաշեմ անոր ճամբուն

Ու անոր բոլորտիքը պատ պիտի շինեմ,

Որպէս զի իր ճամբաները չկրնայ գտնել։

 Եւ անիկա իր տարփածուներուն ետեւէն պիտի երթայ, բայց անոնց պիտի չհասնի։

Զանոնք պիտի փնտռէ, բայց պիտի չկրնայ գտնել։

Այն ատեն պիտի ըսէ. «Երթամ իմ առաջուան էրկանս,

Քանզի այն ատեն հիմակուընէ աղէկ վիճակի մէջ էի»։

 Եւ մայրդ չգիտցաւ թէ ցորենն ու գինին ու իւղը ես իրեն կու տայի

Եւ իրեն արծաթն ու ոսկին ես կը շատցնէի,

Որոնցմով անոնք Բահաղի կուռքեր շինեցին։

 Անոր համար պիտի դառնամ ու իմ ցորենս իր եղանակին մէջ

Ու իմ գինիս իր որոշ ժամանակին մէջ պիտի առնեմ

Եւ անոր մերկութիւնը ծածկող բուրդս ու քթանս ետ պիտի առնեմ։

10 Հիմա անոր տարփածուներուն առջեւ

Անոր անզգամութիւնը պիտի յայտնեմ։

Մարդ պիտի չգտնուի, որ զանիկա իմ ձեռքէս ազատէ։

11 Անոր բոլոր ուրախութիւնը,

Անոր տօները, ամսագլուխներն ու շաբաթները

Եւ բոլոր հանդիսաւոր օրերը պիտի խափանեմ։

12 Պիտի աւերեմ անոր որթատունկերն ու թզենիները,

Որոնց համար կ’ըսէր թէ ‘Ասոնք տարփածուներուս ինծի տուած պարգեւներն են’,

Եւ անտառի պիտի դարձնեմ զանոնք

Ու դաշտի գազանները պիտի ուտեն զանոնք։

13 Զանիկա պիտի պատժեմ այն օրերուն համար,

Որոնց մէջ անիկա Բահաղիմներուն խունկ կը ծխէր,

Իր օղերովն ու մանեակներովը կը զարդարուէր

Եւ իր տարփածուներուն ետեւէն կ’երթար

Ու զիս մոռցեր էր», կ’ըսէ Տէրը։

ՏԷՐՈՋԸ ՍԷՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

14 «Անոր համար ահա ես զանիկա պիտի հրապուրեմ,

Զանիկա անապատը պիտի տանիմ,

Անոր սրտին պէս պիտի խօսիմ։

15 Անկէ անոր այգիները

Աքովրի ձորը յոյսի դրան համար անոր պիտի տամ,

Հոն իր մանկութեան օրերուն պէս,

Եգիպտոսի երկրէն ելած օրուանը պէս երգեր պիտի երգէ։

16 Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,

Զիս ‘Իմ այրս’ պիտի կոչես,

Ու անգամ մըն ալ զիս ‘Իմ Բահաղս’ պիտի չկոչես։

17 Անոր բերնէն Բահաղամի անունները պիտի ջնջեմ

Ու անոնք անգամ մըն ալ իրենց անուններովը պիտի չյիշուին։

18 Անոնց համար այն օրը՝

Դաշտի գազաններուն հետ, երկնքի թռչուններուն հետ

Ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ։

Երկրէն աղեղը, սուրն ու պատերազմը պիտի վերցնեմ,

Զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ։

19 Քեզ յաւիտեան ինծի պիտի նշանեմ.

Քեզ արդարութիւնով, իրաւունքով,

Ողորմութիւնով ու գթութիւնով ինծի պիտի նշանեմ.

20 Այո՛, քեզ ճշմարտութիւնով ինծի պիտի նշանեմ

Ու Տէրը պիտի ճանչնաս։

21 Եւ ‘Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, պատասխան պիտի տամ,

Ես երկինքներուն պատասխան պիտի տամ

Ու անոնք երկրին պատասխան պիտի տան

22 Ու երկիրը ցորենին, գինիին ու իւղին պատասխան պիտի տայ։

Անոնք Յեզրայէլին պատասխան պիտի տան։

23 Զանիկա ինծի համար երկրի վրայ պիտի սերմանեմ

Ու «Չողորմեալին» պիտի ողորմիմ

Եւ իմ ժողովուրդս չեղողին՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’, պիտի ըսեմ.

Ան ալ ինծի՝ ‘Իմ Աստուածս ես’, պիտի ըսէ’»։

ՈՎՍԷԷ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԿԻՆԸ

3 1 Անկէ ետքը Տէրը ինծի ըսաւ. «Նորէն գնա՛, իր բարեկամէն սիրուած շնացող կին մը սիրէ, ինչպէս Տէրը Իսրայէլի որդիները կը սիրէ, թէեւ անոնք օտար աստուածներու կը դառնան ու չամչեղէն կարկանդակներ կը սիրեն»։ Ուստի զանիկա տասնըհինգ սիկղ արծաթով ու մէկ ու կէս քոռ գարիով ինծի առի Եւ անոր ըսէ՛. «Ինծի համար շատ օրեր կեցիր, շնութիւն մի՛ ըներ եւ ուրիշ մարդու մը մի՛ մօտենար։ Ես ալ քեզի համար այնպէս պիտի ըլլամ»։

Քանզի Իսրայէլի որդիները շատ օրեր առանց թագաւորի, առանց իշխանի, առանց զոհի, առանց կուռքի, առանց եփուտի ու թերափիմի պիտի նստին։ Ետքը Իսրայէլի որդիները պիտի դառնան ու իրենց Տէր Աստուածը եւ իրենց Դաւիթ թագաւորը պիտի փնտռեն ու վերջին օրերը Տէրոջը ու անոր բարութեանը պիտի գան։

ՏԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԸ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ

4 1 Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,

Քանզի Տէրը երկրի բնակիչներուն հետ վէճ ունի,

Քանզի երկրի վրայ ճշմարտութիւն չկայ ու ողորմութիւն չկայ

Ու Աստուծոյ գիտութիւնը չկայ։

 Երդումն ու ստախօսութիւնը, մարդասպանութիւնը,

Գողութիւնն ու շնութիւնը շատցեր են

Ու արիւնները արիւններու կը խառնեն։

 Անոր համար երկիրը սուգ պիտի բռնէ

Ու անոր բոլոր բնակիչները

Դաշտի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն հետ պիտի նուաղին

Ու ծովու ձուկերն ալ պիտի սպառին։

ՏԷՐԸ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ

 Սակայն մարդ թող չվիճի ու մարդ թող չյանդիմանէ,

Քանզի քու ժողովուրդդ քահանային հետ վիճողներու պէս է։

 Ուստի դուն ցորեկով պիտի գլորիս

Ու մարգարէն ալ քեզի հետ գիշերով պիտի գլորի

Եւ քու մայրդ բնաջինջ պիտի ընեմ։

 Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ.

Որովհետեւ դուն գիտութիւնը մերժեցիր,

Ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս։

Որովհետեւ քու Աստուծոյդ օրէնքը մոռցար,

Ես ալ քու որդիներդ պիտի մոռնամ։

 Անոնք որչափ բազմացան,

Այնչափ ինծի դէմ մեղք գործեցին.

Ուստի անոնց փառքը անարգութեան պիտի փոխեմ։

 Անոնք իմ ժողովուրդիս մեղքը կ’ուտեն

Եւ իրենց սրտերը անոնց անօրէնութեանը կու տան։

 Ուրեմն ինչպէս ժողովուրդին՝ նոյնպէս ալ քահանային պիտի ըլլայ։

Զանոնք իրենց ճամբաներուն համեմատ պիտի պատժեմ

Ու իրենց գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանեմ անոնց։

10 Պիտի ուտեն, բայց պիտի չկշտանան։

Պոռնկութիւն պիտի ընեն եւ պիտի չշատնան.

Քանզի Տէրոջը ուշադրութիւն չըրին։

ՏԷՐԸ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ

11 Շնութիւնը, գինին ու քաղցուն

Սիրտը կը խաբեն։

12 Իմ ժողովուրդս իր փայտին կը հարցնէ

Ու իր ցուպը իրեն կ’իմացնէ.

Քանզի պոռնկութեան ոգին զանոնք գլխէ հանեց

Ու իրենց Աստուածը լքելով պոռնկացան։

13 Լեռներուն գլուխները զոհ կը մատուցանեն,

Բլուրներուն վրայ՝ կաղնիի, կաղամախի ու բեւեկնիի տակ,

Անոնց հովանիին հաճելի ըլլալուն համար, խունկ կը ծխեն.

Անոր համար ձեր աղջիկները պոռնկութիւն պիտի ընեն

Ու ձեր հարսերը շնութիւն պիտի ընեն։

14 Ձեր աղջիկները պիտի չպատժեմ երբ պոռնկութիւն ընեն,

Ո՛չ ալ ձեր հարսերը՝ երբ շնութիւն ընեն.

Քանզի հայրերը իրենք պոռնիկներուն հետ կը մեկուսանան

Ու հանրակիներուն հետ կը զոհեն,

Ուստի անմիտ ժողովուրդը պիտի կործանի։

15 Թէեւ դուն պոռնկութիւն կ’ընես, ո՛վ Իսրայէլ,

Յուդա թող յանցաւոր չըլլայ

Ու Գաղգաղա մի՛ մտնէք ու Բեթաւան մի՛ ելլէք։

«Տէրը կենդանի է» ըսելով՝ երդում մի՛ ընէք։

16 Քանզի Իսրայէլ կամակոր երինջի պէս ապստամբեր է։

Հիմա Տէրը լայնարձակ տեղ մը գառներու պէս պիտի արածէ զանոնք։

17 Եփրեմ կուռքերու յարեր է.

Զանիկա թող տուր։

18 Անոնց խնճոյքը ապականած է։

Շատ պոռնկութիւն ըրին։

Տուէք ըսելը կը սիրեն։

Ամօ՜թ անոնց իշխաններուն։

19 Հովը զանիկա իր թեւերուն վրայ պիտի կապէ

Ու անոնք իրենց զոհերէն պիտի ամչնան։

5 1 Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ քահանաներ

Ու մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի տուն

Ու ականջ տուէ՛ք, ո՛վ թագաւորի տուն,

Վասն զի ձեզի համար դատաստան կայ։

Քանզի դուք Մասփայի մէջ՝ որոգայթ

Եւ Թաբօրի վրայ տարածուած վարմ եղաք։

 Մոլորածները սպանութիւն ընելով մեղքի մէջ խորասոյզ եղան,

Թէեւ ես անոնց ամենուն խրատ կու տայի։

 Ես Եփրեմը կը ճանչնամ

Ու Իսրայէլ ինձմէ պահուած չէ։

Այո՛, հիմա, ո՛վ Եփրեմ, դուն շնութիւն կ’ընես

Ու Իսրայէլ պղծուած է։

ՈՎՍԷԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

 Անոնք իրենց գործերը չեն շտկեր,

Որ իրենց Աստուծոյն դառնան.

Քանզի անոնց մէջ պոռնկութեան ոգի կայ

Ու Տէրը չեն ճանչնար։

 Ուստի Իսրայէլի հպարտութիւնը իր երեսին առջեւ պիտի խոնարհի

Եւ Իսրայէլ ու Եփրեմ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի գլորին։

Յուդան ալ անոնց հետ պիտի գլորի։

 Անոնք իրենց ոչխարներովն ու արջառներովը

Տէրը փնտռելու պիտի երթան, բայց պիտի չգտնեն։

Անիկա անոնցմէ պահուեցաւ։

 Անոնք Տէրոջը անհաւատարմութիւն ըրին,

Քանզի օտար տղաքներ ծնան.

Հիմա իրենց վիճակներովը մէկտեղ

Մէկ ամսուան մէջ պիտի սպառին։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՅՈՒԴԱՅԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ

 Գաբաայի մէջ շեփոր հնչեցուցէ՛ք

Եւ Ռամայի մէջ՝ փող։

Բեթաւանի մէջ բարձրաձայն կանչեցէ՛ք,

Քու ետեւէդ, ո՛վ Բենիամին։

 Յանդիմանութեան օրը Եփրեմ ամայի պիտի ըլլայ։

Իսրայէլի ցեղերուն մէջ ճշմարիտը ցուցուցի։

10 Յուդայի իշխանները սահմաններ փոխողներու պէս եղան,

Անոնց վրայ ջուրի պէս պիտի թափեմ իմ բարկութիւնս։

11 Եփրեմ հարստահարուած ու դատաստանով խորտակուած է

Քանզի յօժար կամքով ունայնութեան ետեւէն քալեց։

12 Ուստի ես Եփրեմին՝ ցեցի պէս

Եւ Յուդայի տանը փայտի որդի պէս պիտի ըլլամ։

13 Երբ Եփրեմը իր ախտը եւ Յուդան իր վէրքը տեսաւ,

Եփրեմ Ասորեստան գնաց

Ու Յարեբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց։

Բայց անիկա ձեզ բժշկելու ու ձեր վէրքը առողջացնելու կարող չէ։

14 Քանզի ես Եփրեմին առիւծի պէս

Եւ Յուդայի տանը առոյգ առիւծի պէս պիտի ըլլամ.

Ես, ե՛ս պիտի պատառեմ ու պիտի երթամ։

Պիտի տանիմ ու ազատող մը պիտի չըլլայ։

15 Ես կրկին իմ տեղս պիտի դառնամ,

Մինչեւ անոնք իրենց յանցաւոր ըլլալը խոստովանին ու իմ երեսս փնտռեն։

Երբ նեղութեան մէջ փութով զիս փնտռեն ու ըսեն.

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԵՂԾ ԶՂՋՈՒՄԸ

6 1 «Եկէ՛ք, Տէրոջը դառնանք,

Քանզի անիկա զարկաւ ու անիկա մեզ պիտի բժշկէ։

Անիկա վիրաւորեց ու անիկա պիտի կապէ,

 Երկու օրէն մեզ պիտի կենդանացնէ,

Երրորդ օրը մեզ պիտի կանգնեցնէ

Ու անոր առջեւ պիտի ապրինք։

 Տէրը պիտի ճանչնանք ու զանիկա ճանչնալու ետեւէ պիտի ըլլանք.

Անոր ելքը արշալոյսի պէս պատրաստուած է

Ու անիկա մեզի պիտի գայ անձրեւի պէս,

Երկիրը ոռոգող վերջին անձրեւին պէս։

 Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Եփրեմ,

Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Յուդա,

Վասն զի ձեր բարութիւնը առաւօտեան ամպին պէս

Ու շուտով ցնդող ցօղի պէս է։

 Ասոր համար մարգարէներուն ձեռքով զանոնք կոտրեցի,

Բերնիս խօսքերովը զանոնք մեռցուցի,

Որպէս զի իմ դատաստաններս լոյսի պէս ելլեն։

 Քանզի ես ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ՝ զոհ

Ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը։

 Իսկ անոնք Ադամի պէս ուխտազանց եղան

Ու ինծի անհաւատարմութիւն ըրին։

 Գաղաադ անօրէններու քաղաք է,

Արեան հետքերով լեցուն է։

 Ինչպէս աւազակներու գունդերը

Մարդու համար դարանամուտ կ’ըլլան,

Այնպէս ալ քահանաներուն խումբը

Սիւքէմի ճամբուն մէջ սպանութիւն

Եւ եղեռնագործութիւն կ’ընեն։

10 Իսրայէլի տանը մէջ սոսկալի բաներ տեսայ,

Եփրեմին պոռնկութիւնները հոն են,

Իսրայէլ պղծուեցաւ։

11 Քեզի ալ հունձք մը պատրաստուած է, ո՛վ Յուդա,

Երբ իմ ժողովուրդս գերութենէ դարձնեմ։

7 1 Երբ Իսրայէլը պիտի բժշկէի,

Եփրեմին անօրէնութիւնը

Ու Սամարիային չարութիւնները յայտնուեցան.

Քանզի անոնք նենգութեամբ կը գործեն։

Գողը ներս կը մտնէ

Ու դուրսը աւազակները կը մերկացնեն։

 Իրենք չեն մտածեր,

Թէ ես իրենց բոլոր չարութիւնը կը յիշեմ։

Հիմա իրենց գործերը զիրենք պաշարեցին,

Անոնք իմ երեսիս առջեւն են։

ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

 Իրենց չարութիւնովը՝ թագաւորը

Ու իրենց ստութիւններովը իշխանները կ’ուրախացնեն։

 Ամէնքն ալ շնացող են,

Տաք թոնիրի կը նմանին,

Որուն հացագործը կը դադրեցնէ կրակը խառնելը

Խմորը շաղելէն ետք, մինչեւ որ թթուի։

 Մեր թագաւորին տօնն է այսօր,

Իշխանները գինիին տաքութենէն հիւանդացան։

Անիկա իր ձեռքը ծաղրողներուն երկնցուց։

 Որովհետեւ անոնց սրտերը նենգութեամբ վառարանի մը նման բռնկած են։

Ամբողջ գիշերը բարկութիւնը բորբոքեցաւ,

Առտուն բոցավառ կրակի պէս բռնկեցաւ։

 Ամէնքը թոնիրի պէս տաքցան

Ու իրենց դատաւորները կերան։

Անոնց բոլոր թագաւորները ինկան.

Անոնցմէ ո՛չ ոք զիս կը կանչէ։

ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ

 Եփրեմ ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ։

Եփրեմը չդարձուած շօթի պէս է։

 Օտարները անոր զօրութիւնը կերան ու ինք չի գիտեր.

Նոյնիսկ մազերուն մէջ ճերմակ ինկաւ ու ինք չի գիտեր։

10 Եւ Իսրայէլին հպարտութիւնը իր դէմ կը վկայէ,

Սակայն անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն չեն դառնար

Ու զանիկա չեն փնտռեր։

11 Եփրեմ միամիտ ու անխելք աղաւնիի պէս եղաւ։

Եգիպտացիները կը կանչեն, Ասորեստան կ’երթան։

12 Երբ անոնք երթան, անոնց վրայ իմ վարմս պիտի տարածեմ,

Որպէս զի զանոնք երկնքի թռչունի պէս իջեցնեմ

Ու զանոնք պատժեմ, ինչպէս ժողովուրդին մէջ տարածուեր էր։

13 Վա՜յ անոնց, քանզի ինձմէ փախան։

Կորուստը անոնց պիտի հասնի, քանզի ինծի դէմ յանցանք գործեցին։

Թէեւ զանոնք ես փրկեցի,

Բայց անոնք ինծի դէմ սուտ խօսեցան։

14 Երբ անոնք իրենց անկողիններուն վրայ կ’ողբային,

Իրենց սրտովը ինծի չաղաղակեցին։

Անոնք ցորենի ու գինիի համար կը հաւաքուին

Ու ինծի դէմ կ’ապստամբին։

15 Թէպէտ զանոնք խրատեցի

Ու անոնց բազուկները զօրացուցի,

Սակայն ատիկա ինծի չարութիւն սեպեցին։

16 Անոնք կը դառնան, բայց, ո՛չ Բարձրեալին։

Անոնք խաբեբայ աղեղի պէս են։

Անոնց իշխանները իրենց լեզուին կատաղութեանը համար սուրով պիտի իյնան։

Ասիկա պիտի ըլլայ անոնց նախատինքը Եգիպտոսի մէջ։

ՏԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ

8 1 Փողը բերանդ դի՛ր։

Թշնամին Տէրոջը տանը վրայ արծիւի պէս պիտի գայ,

Քանզի իմ ուխտս զանց ըրին

Ու իմ օրէնքիս դէմ յանցանք գործեցին։

 Իսրայէլ ինծի կ’աղաղակէ ու կ’ըսէ.

«Ո՛վ իմ Աստուածս, մենք քեզ կը ճանչնանք»։

 Իսրայէլ բարին մերժեց, ուստի

Թշնամին պիտի հալածէ զանիկա։

 Անոնք թագաւորներ դրին, բայց ոչ ինձմով։

Իշխաններ ընտրեցին, բայց ես չգիտցայ։

Իրենց արծաթովն ու ոսկիովը իրենց կուռքեր շինեցին,

Որպէս զի բնաջինջ ըլլան։

 Քու հորթդ, ո՛վ Սամարիա, մերժուեցաւ.

Իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքեցաւ.

Մինչեւ ե՞րբ անմեղութիւնը ձեռք պիտի չբերեն։

 Քանզի ասիկա ալ Իսրայէլէն է,

Արհեստաւորը շինեց զանիկա, ուրեմն Աստուած չէ.

Ուստի կտոր կտոր պիտի ըլլայ Սամարիայի հորթը։

 Քանզի հով ցանեցին ու մրրիկ պիտի հնձեն.

Անիկա հասուն ցորեն պիտի չբերէ

Ու անոր արդիւնքէն ալիւր պիտի չըլլայ։

Եթէ ըլլայ ալ՝ օտարները պիտի ուտեն զանիկա։

 Իսրայէլ կլլուեցաւ։

Հիմա ազգերուն մէջ անպէտ ամանի պէս պիտի ըլլան։

 Քանզի անոնք առանձնակեաց վայրենի իշու պէս Ասորեստան գացին։

Եփրեմ վարձքով սիրականներ բռնեց։

10 Թէեւ ազգերէն օգնականներ վարձքով բռնեն ալ, հիմա զանոնք պիտի հաւաքեմ.

Թագաւորն ու իշխանները օծելէ քիչ մը պիտի դադարին։

11 Քանզի Եփրեմ շատ սեղաններ շինեց,

Որոնք իրեն մեղքի համար եղան։

12 Իմ օրէնքիս մեծ բաները անոր գրեցի,

Սակայն օտար բանի պէս սեպուեցաւ։

13 Անոնք զոհաբերութիւնը կը սիրեն,

Անոնք միս կը զոհեն ու կ’ուտեն,

Բայց Տէրը անոնցմէ չի հաճոյանար։

Հիմա անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ

Եւ անոնց մեղքերը պիտի պատժէ.

Անոնք Եգիպտոս պիտի դառնան։

14 Քանզի Իսրայէլ իր Ստեղծողը մոռցաւ ու մեհեաններ շինեց։

Յուդա պարսպապատ քաղաքները շատցուց.

Բայց ես անոր քաղաքներուն վրայ կրակ պիտի թափեմ,

Որը անոր ամրոցները պիտի այրէ։

ՈՎՍԷԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՊԱՏԻԺԸ Կ’ԻՄԱՑՆԷ

9 1 Ժողովուրդներուն պէս մի՛ ցնծար եւ մի՛ ուրախանար, ո՛վ Իսրայէլ,

Քանզի քու Աստուծմէդ հեռանալով պոռնկութիւն ըրիր։

Ամէն ցորենի կալի վրայ պոռնկութեան վարձքը սիրեցիր։

 Կալն ու հնձանը զանոնք պիտի չկերակրեն

Եւ քաղցուն հոն պիտի աւրուի։

 Անոնք Տէրոջը երկրին մէջ պիտի չբնակին,

Հապա Եփրեմը Եգիպտոս պիտի դառնայ։

Ասորեստանի մէջ պիղծ բաներ պիտի ուտեն։

 Տէրոջը գինիի նուէր պիտի չմատուցանեն

Եւ անոր ընդունելի պիտի չըլլան.

Անոնց զոհերը սգաւորներու հացին պէս պիտի ըլլան իրենց,

Զանիկա ուտողները պիտի պղծուին.

Քանզի անոնց հացը իրենց անձերուն համար է, բայց

Տէրոջը տունը պիտի չմտնէ։

 Ի՞նչ պիտի ընէք տօնին օրը

Ու Տէրոջը տօնախմբութեան օրը։

 Քանզի ահա կործանումէն փախչելով կ’երթան։

Եգիպտոս զանոնք պիտի հաւաքէ,

Մեմփիս զանոնք պիտի թաղէ։

Եղիճը պիտի ժառանգէ անոնց արծաթը,

Անոնց վրաններուն մէջ փուշեր պիտի բուսնին։

 Պատուհասի օրերը հասան,

Հատուցման օրերը հասան,

Իսրայէլ պիտի գիտնայ։

Քու անօրէնութեանդ շատութեանը

Եւ քու մեծ հակառակութեանդ համար,

Մարգարէն՝ անմիտ ու հոգեւոր մարդը խենթ եղաւ։

 Եփրեմ՝ իմ Աստուծոյս ժողովուրդին դէտն է,

Սակայն անոր բոլոր ճամբաներուն գայթակղութիւն կը լարէ

Ու իր Աստուծոյն տանը հակառակութեան պատճառ կ’ըլլայ։

 Գաբաայի օրերուն պէս խիստ շատ ապականեցան։

Անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ։

Անոնց մեղքը պիտի պատժէ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԵՂՔԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ

10 Իսրայէլը անապատի մէջ եղող խաղողի պէս գտայ

Եւ ձեր հայրերը թզենիին կանխահաս պտուղին պէս տեսայ,

Սակայն անոնք Բելփեգովր մտան

Ու իրենց անձը ամօթալից գործերու նուիրեցին

Եւ իրենց սիրած բանին պէս իրենք ալ զզուելի եղան։

11 Եփրեմին փառքը՝

Ծնունդէն եւ արգանդէն ու յղութենէն առաջ՝

Թռչունի պէս պիտի թռչի։

12 Թէեւ իրենց տղաքները մեծցնեն,

Զանոնք պիտի յափշտակեմ մինչեւ որ մէկը չմնայ։

Վա՜յ անոնց, երբ անոնցմէ քաշուիմ։

13 Եփրեմն ալ, ինչպէս տեսայ, զուարճալի տեղ մը տնկուած էր,

Բայց Եփրեմ իր տղաքները ջարդուելու կը պատրաստէ։

14 Տո՛ւր անոնց, ո՛վ Տէր, ինչ որ պիտի տաս։

Անոնց վիժող արգանդ ու չոր ստինքներ տուր։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ

15 Անոնց բոլոր չարութիւնը Գաղգաղայի մէջ է,

Քանզի հոն անոնցմէ զզուեցայ։

Անոնց չար գործերուն պատճառով

Զանոնք իմ տունէս պիտի վռնտեմ,

Զանոնք անգամ մըն ալ պիտի չսիրեմ։

Անոնց բոլոր իշխանները ապստամբ նետեր են։

16 Եփրեմ զարնուեցաւ,

Անոնց արմատը չորցաւ, պտուղ պիտի չտան։

Եթէ անոնք ծնանին ալ,

Անոնց արգանդին ցանկալի պտուղներն ալ պիտի մեռցնեմ։

ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

17 Իմ Աստուածս զանոնք պիտի մերժէ,

Քանի որ իրեն մտիկ չըրին.

Ուստի ազգերու մէջ թափառական պիտի ըլլան։

10 1 Իսրայէլ լայնատարած որթատունկ մըն է,

Իրեն համար պտուղ կը բերէ։

Իր պտուղին շատութեանը չափ սեղաններ շատցուց,

Իր երկրին գեղեցկութեանը պէս գեղեցիկ կուռքեր շինեց։

 Անոնց սիրտը փոփոխական է, հիմա յանցաւոր պիտի երեւին։

Տէրը անոնց սեղանները պիտի փլցնէ,

Անոնց կուռքերը պիտի կործանէ։

 Վասն զի հիմա անոնք պիտի ըսեն.

«Մենք թագաւոր չունինք,

Քանզի Տէրոջմէն չվախցանք։

Թագաւորը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել»։

 Ուխտ ըրած ատեննին սուտ երդում ընելով խօսեցան։

Պատուհասը արտին ակօսներուն մէջ թունաւոր խոտերու պէս պիտի բուսնի։

 Սամարիայի բնակիչները Բեթաւանի հորթերուն պատճառով պիտի վախնան,

Քանզի անոր վրայ անոր ժողովուրդը սուգ պիտի ընէ

Ու անոր քուրմերը անոր փառքին համար պիտի դողան,

Քանզի անիկա գերութեան տարուեցաւ։

 Անիկա ալ Ասորեստան պիտի տարուի՝

Յարէբ թագաւորին պարգեւ ըլլալու համար։

Եփրեմ ամօթ պիտի զգայ

Ու Իսրայէլ իր խորհուրդէն պիտի ամչնայ։

 Սամարիայի թագաւորը բնաջինջ պիտի ըլլայ

Ջուրի երեսին վրայ եղող փրփուրի պէս։

 Աւենի բարձր տեղերը եւ Իսրայէլի մեղքը աւերակ պիտի ըլլան։

Անոնց սեղաններուն վրայ փուշ ու տատասկ պիտի բուսնի։

Լեռներուն պիտի ըսեն՝ «Մեզ ծածկեցէ՛ք»

Ու բլուրներուն՝ «Մեր վրայ ինկէ՛ք»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՃԻՌԸ Կ’ԻՄԱՑՆԷ

 Գաբաայի օրերէն ի վեր մեղք գործեցիր, ո՛վ Իսրայէլ.

Հոն հաստատուեցան քուկիններդ։

Միթէ Գաբաայի մէջ չարութեան որդիներուն դէմ եղած պատերազմը պիտի չհասնի՞։

10 Կամակոր ժողովուրդին դէմ պիտի ելլեմ զանոնք պատժելու համար

Եւ ժողովուրդները անոնց դէմ պիտի հաւաքուին,

Երբ իրենց կրկնակի անօրէնութիւններուն համար պատժուին։

11 Ու Եփրեմ երինջ մըն էր, որ կը սիրէր կամնել,

Բայց ես անոր պարանոցին գեղեցկութեանը վրայ լուծ մը անցուցի։

Եփրեմը կառքի պիտի լծեմ,

Յուդան պիտի հերկէ,

Յակոբը անոր ետեւէն պիտի տափանէ։

12 Ձեզի արդարութիւնով ցանեցէ՛ք

Ու ողորմութիւնով հնձեցէ՛ք։

Չմշակուած երկիրը հերկեցէ՛ք,

Քանզի Տէրը փնտռելու ատենն է,

Մինչեւ ինք գայ ու ձեր վրայ արդարութիւն տեղացնէ։

13 Ամբարշտութեամբ ցանեցիք ու անօրէնութիւն հնձեցիք,

Ստութեան պտուղը կերաք,

Քանզի դուք ձեր կուռքերուն եւ մարտիկներուն ապաւինեցաք,

14 Ուստի ձեր ժողովուրդներուն մէջ խռովութիւն պիտի ելլէ

Եւ ձեր բոլոր բերդերը պիտի կործանուին,

Ինչպէս Սաղման պատերազմին օրը Բեթարբէլը կործանեց,

Ուր մայրը իր տղաքներուն վրայ գետինը զարնուեցաւ։

15 Բեթէլ ձեզի ասոր պէս պիտի ընէ,

Ձեր չափազանց չարութեանը համար։

Փոթորիկի մէջ Իսրայէլի թագաւորը բոլորովին պիտի ջնջուի։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԱՊՍՏԱՄԲ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՆԴԷՊ

11 1 «Երբ Իսրայէլը մանուկ էր, զանիկա կը սիրէի

Ու իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի։

 Որչափ զանոնք կանչեցի, այնչափ անոնք իմ երեսէս հեռացան։

Բահաղիմներուն զոհ մատուցանեցին

Ու կուռքերուն խունկ ծխեցին։

 Ես Եփրեմին քալել սորվեցուցի.

Զանոնք իրենց թեւերէն կը վերցնէի,

Սակայն չգիտցան թէ ես զիրենք բժշկեցի։

 Զանոնք կարեկցութեան չուաններով, սիրոյ կապերով առաջնորդեցի

Ու անոնց պարանոցէն լուծը հանողներու պէս եղայ իրենց

Եւ զանոնք քաղցրութեամբ կերակրեցի։

 Անոնք Եգիպտոս պիտի չդառնան,

Հապա Ասորեստանցին պիտի ըլլայ անոնց թագաւորը,

Քանզի ինծի դառնալ մերժեցին։

 Անոնց քաղաքներուն դէմ պատերազմ պիտի մղուի,

Անոնց դռներուն նիգերը պիտի կոտրին

Եւ զիրենք պիտի բնաջնջէ

Իրենց խորհուրդներուն համար։

 Իմ ժողովուրդս ինծի դէմ ապստամբելու հակամէտ է։

Թէեւ անոնք Բարձրեալին կը հրաւիրուին,

Սակայն ոեւէ մէկը զանիկա չի բարձրացներ։

 Քեզ ի՞նչպէս տամ, ո՛վ Եփրեմ,

Քեզ ի՞նչպէս յանձնեմ, ո՛վ Իսրայէլ.

Քեզ ի՞նչպէս Ադմայի պէս ընեմ,

Քեզ ի՞նչպէս Սեբոյիմի պէս դնեմ։

Իմ սիրտս ներսիդիս կը խռովի,

Կարեկցութիւններս ալ միանգամայն կը բռնկին։

 Իմ սաստիկ բարկութիւնս պիտի չգործադրեմ։

Եփրեմը կրկին պիտի չաւերեմ,

Քանզի ես Աստուած եմ եւ ո՛չ թէ մարդ,

Քու մէջդ եղող Սուրբը ես եմ

Ու բարկութեամբ պիտի չգամ։

10 Տէրոջը ետեւէն պիտի երթան,

Անիկա առիւծի պէս պիտի մռնչէ,

Երբ անիկա մռնչէ,

Արեւմուտքի կողմէն տղաքները արտորալով պիտի գան։

11 Անոնք Եգիպտոսէն՝ թռչունի պէս

Ու Ասորեստանի երկրէն աղաւնիի պէս արտորալով պիտի գան։

Զանոնք իրենց տուներուն մէջ պիտի բնակեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։

12 12։1 Եփրեմ զիս կը պաշարէ ստութեամբ

Ու Իսրայէլի տունը՝ նենգութեամբ.

Բայց Յուդան տակաւին Աստուծմէ կը ճանչցուի

Ու սուրբերուն մէջ հաւատարիմ է։

ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՒԴԱ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆ

12 1 12։2 Եփրեմ հով կը ճարակէ ու արեւելեան հովին ետեւէն կը վազէ.

Ամէն օր ստութիւնն ու յափշտակութիւնը կը շատցնէ.

Դաշնակցութիւն կ’ընէ Ասորեստանի հետ

Ու իւղ կը տանի Եգիպտոս։

 12։3 Տէրը Յուդայի հետ ալ վէճ ունի

Ու Յակոբը՝ անոր ճամբաներուն համեմատ՝ պիտի պատժէ

Ու անոր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ անոր։

 12։4 Անիկա արգանդին մէջ իր եղբօրը գարշապարէն բռնեց

Եւ իր ուժովը Աստուծոյ հետ ըմբշամարտեցաւ։

 12։5 Հրեշտակին հետ ըմբշամարտեցաւ ու յաղթեց,

Լացաւ եւ անկէ շնորհք խնդրեց։

Բեթէլի մէջ Աստուծոյ հանդիպեցաւ,

Աստուած հոն անոր խօսեցաւ,

 12։6 Այսինքն զօրքերու Տէր Աստուածը,

Որուն անունը Եհովա է։

ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅԼ ԽՕՍՔԵՐ

 12։7 «Ուրեմն դուն քու Աստուծոյդ օգնութեամբ դարձիր,

Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պահէ

Ու միշտ քու Աստուծոյդ յուսա»։

 12։8 Եփրեմ վաճառական է, անոր ձեռքը նենգութեան կշիռ կայ,

Անիկա հարստահարելը կը սիրէ։

 12։9 Ու Եփրեմ ըսաւ. «Իրաւցնէ հարստացայ,

Ինծի ստացուածք գտայ,

Իմ վաստակներուս համար

Անօրէնութիւն պիտի չգտնեն իմ վրաս, որ մեղք ըլլայ»։

12։10 Իսկ ես Եգիպտոսի երկրէն քու Տէր Աստուածդ եմ։

Քեզ տակաւին վրաններու մէջ պիտի բնակեցնեմ՝ հանդիսաւոր տօնի օրերու պէս։

10 12։11 Եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցայ,

Տեսիլքները շատցուցի,

Մարգարէներուն միջոցով առակներ գործածեցի։

11 12։12 Արդարեւ եթէ Գաղաադ անօրէն է, անպայման պիտի ոչնչանայ.

Եթէ Գաղգաղայի մէջ արջառներ զոհեցին,

Անոնց սեղաններն անգամ արտի ակօսներուն քով եղող քարակոյտերու պէս պիտի ըլլան։

12 12։13 Եւ Յակոբ Ասորիներու երկրէն փախաւ

Ու Իսրայէլ կնոջ համար ծառայութիւն ըրաւ

Ու կնոջ համար հովիւ եղաւ։

13 12։14 Տէրը մէկ մարգարէով Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը

Ու անիկա մէկ մարգարէով պահպանուեցաւ։

14 12։15 Եփրեմ դառնութեամբ Աստուած բարկացուց.

Անոր համար իր արիւնը իր վրայ պիտի քսուի

Ու Տէրը անոր նախատինքը անոր պիտի հատուցանէ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՎՃԻՌԸ

13 1 Երբ Եփրեմ դողալով կը խօսէր, Իսրայէլի մէջ ան բարձրացաւ,

Բայց Բահաղով յանցաւոր եղաւ ու մեռաւ։

 Հիմա նորէն մեղք կը գործեն

Ու իրենց համար արծաթէ

Ձուլածոյ կուռքեր ու արձաններ կը շինեն,

Որոնք արհեստաւորի գործեր են։

Անոնց զոհ կը մատուցանեն ու կ’ըսեն.

«Զոհ ընող մարդիկ թող հորթերը համբուրեն»։

 Անոր համար անոնք՝ առաւօտեան ամպի պէս,

Կանուխ իջած վաղանցիկ ցօղին պէս,

Կալէն փոթորիկով վերցուած մղեղին պէս

Ու ծխնելոյզէն ելած ծուխին պէս պիտի ըլլան։

 Սակայն ես Եգիպտոսի երկրէն ի վեր քու Տէր Աստուածդ եմ

Ու ինձմէ զատ ուրիշ աստուած մի՛ ճանչնար,

Քանզի ինձմէ զատ ուրիշ Փրկիչ չկայ։

 Ես քեզ անապատի մէջ՝

Խիստ անջրդի երկրի մէջ ճանչցայ։

 Անոնք իրենց արօտին համեմատ կշտացան,

Կշտացան ու անոնց սիրտը հպարտացաւ։

Անոր համար զիս մոռցան։

 Ուստի անոնց առիւծի պէս պիտի ըլլամ,

Ճամբուն քովի ինձի պէս դարանամուտ պիտի ըլլամ։

 Իր ձագերը կորսնցուցած արջի պէս անոնց վրայ պիտի յարձակիմ

Ու անոնց սրտին վարագոյրը պիտի պատռտեմ,

Զանոնք առիւծի պէս պիտի ուտեմ։

Դաշտի գազանը պիտի պատառէ զանոնք։

 Դուն քեզ կորսնցուցիր, ո՛վ Իսրայէլ,

Բայց քու օգնութիւնդ միայն ինձմէ է։

10 Հիմա ո՞ւր է քու թագաւորդ,

Որպէս զի քու բոլոր քաղաքներդ ազատէ

Եւ ո՞ւր են այն իշխանները, որ քեզ պահեն,

Որոնց համար ըսիր թէ «Ինծի թագաւոր ու իշխաններ տուր»։

11 Իմ բարկութիւնովս քեզի թագաւոր տուի

Ու իմ սրտմտութիւնովս հեռացուցի։

12 Եփրեմին անօրէնութիւնը կապուած է,

Անոր մեղքը պահուած է։

13 Անոր վրայ ծննդական կնոջ ցաւերը պիտի հասնին։

Անիկա իմաստուն տղայ չէ,

Ապա թէ ոչ արգանդին բերանը այնչափ ատեն չէր կենար։

14 Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ,

Զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ։

Ըսէ՛, ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ.

Ըսէ՛, ո՛վ գերեզման, ո՞ւր է աւերումդ։

Իմ աչքերէս գութը պիտի ծածկուի։

15 Թէեւ անիկա եղբայրներուն մէջ պտղաբեր ըլլայ,

Արեւելեան հովը պիտի գայ,

Անապատէն Տէրոջը հովը պիտի ելլէ.

Անոր աղբիւրը պիտի ցամքի,

Անոր աղբերակը պիտի չորնայ.

Անոր բոլոր թանկագին առարկաներուն գանձը պիտի կողոպտուի։

16 Սամարիա աւերակ պիտի ըլլայ,

Քանզի իր Աստուծոյ դէմ ապստամբեցաւ.

Անոնք սուրով պիտի իյնան,

Անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնուին

Ու յղի կիները պիտի ճեղքուին։

ՈՎՍԷԷԻ ԱՂԵՐՍԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ

14 1 Ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուծոյդ դարձիր,

Քանզի քու անօրէնութեանդ պատճառով գլորեցար։

 Այս խօսքերը ձեզի հետ առէք ու Տէրոջը դարձէ՛ք.

Անոր ըսէ՛ք. «Ամէն անօրէնութիւն վերցո՛ւր

Եւ բարութիւնը ընդունէ՛

Ու մեր շրթունքներուն պտուղները պիտի մատուցանենք։

 Ասորեստանցին մեզ պիտի չփրկէ.

Ձիերու վրայ պիտի չհեծնենք

Ու անգամ մըն ալ մեր ձեռքերուն գործին՝

‘Մեր Աստուածն ես’ պիտի չըսենք,

Քանզի որբը քեզմէ ողորմութիւն կը գտնէ»։

ՏԷՐԸ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ

 Անոնց անհաւատութիւնը պիտի բժշկեմ,

Զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ։

Քանզի իմ բարկութիւնս անոնցմէ վերցուեցաւ։

 Իսրայէլին ցօղի պէս պիտի ըլլամ,

Անիկա շուշանի պէս պիտի ծաղկի

Եւ իր արմատները Լիբանանի եղեւիններուն պէս պիտի արձակէ։

 Անոր ճիւղերը պիտի տարածուին,

Անոր վայելչութիւնը ձիթենիի պէս պիտի ըլլայ,

Անոր անուշահոտութիւնը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։

 Անոնք իմ հովանիիս տակ պիտի բնակին,

Պարտէզի պէս պիտի կենդանանան

Ու որթատունկի պէս պիտի բողբոջին։

Անոր յիշատակը Լիբանանի գինիին պէս պիտի ըլլայ։

 Եփրեմ պիտի ըսէ. «Կուռքերու հետ ի՞նչ գործ ունիմ»։

Ես անոր խնդրանքը լսեցի ու անոր խնամք տարի.

Ես կանանչ մայրի ծառի պէս եմ,

Քու պտուղդ ինձմէ է։

 Ո՞վ է իմաստուն, որ ասոնք հասկնայ,

Կամ խոհեմ, որ ասոնք գիտնայ։

Քանզի Տէրոջը ճամբաները շիտակ են,

Արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն.

Բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գլորին։