ԳԻՐՔ ԹՈՒՈՑ

ԳԻՐՔ ԹՈՒՈՑ

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ

1 1 Տէրը Մովսէսին խօսեցաւ Սինայի անապատը վկայութեան խորանին մէջ՝ անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան առաջին օրը՝ ըսելով. «Առէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին գումարը իրենց ազգատոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ ամէն մէկ արուն առանձինն համրելով։ Դուն ու Ահարոն բոլոր Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր պատերազմելու կարող եղողները իրենց գունդերուն համեմատ պիտի համրէք։ Եւ ձեզի հետ ամէն ցեղէն մէկ–մէկ մարդ առէք, որ անոնց ամէն մէկը իր հօրը տանը իշխանը ըլլայ։

Եւ ձեզի հետ կենալու մարդոց անունները ասոնք են՝ Ռուբէնէն Սեդիուրի որդին Եղիսուրը, Շմաւոնէն Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը, Յուդայէն Ամինադաբի որդին Նաասոնը, Իսաքարէն Սովգարի որդին Նաթանայէլը, Զաբուղոնէն Քեղոնի որդին Եղիաբը, 10 Յովսէփին որդիներէն՝ Եփրեմէն Ամիուդի որդին Եղիսաման, Մանասէէն Փադասուրի որդին Գամաղիէլը, 11 Բենիամինէն Գեդէօնի որդին Աբիդան, 12 Դանէն Ամիսադայի որդին Աքիեզերը, 13 Ասերէն Եքրանի որդին Փաքիէլը, 14 Գադէն Դագուէլի որդին Եղիասափը, 15 Նեփթաղիմէն Ենանի որդին Աքիրէն։ 16 Ասոնք էին ժողովուրդին երեւելիները, իրենց հայրերուն սերունդէն իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները»։

17 Մովսէս ու Ահարոն՝ իրենց անուններովը՝ յիշուած մարդիկը առին 18 Եւ երկրորդ ամսուան առաջին օրը բոլոր ժողովուրդը հաւաքեցին, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր ամէնքը մէկ–մէկ համրուելով իրենց անուններուն թիւովը արձանագրուեցան։ 19 Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Անիկա Սինայի անապատին մէջ այնպէս համրեց զանոնք։

20 Իսրայէլի անդրանիկ որդիին Ռուբէնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները իրենց անուններուն թիւովը։ 21 Ռուբէնին ցեղէն համրուածները քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։

22 Շմաւոնին որդիները՝ իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները իրենց անուններուն թիւովը։ 23 Շմաւոնին ցեղէն համրուածները յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։

24 Գադին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները իրենց անուններուն թիւովը։ 25 Գադին ցեղէն համրուածները քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։

26 Յուդային որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 27 Յուդային ցեղէն համրուածները եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։

28 Իսաքարին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 29 Իսաքարին ցեղէն համրուածները յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։

30 Զաբուղոնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 31 Զաբուղոնին ցեղէն համրուածները յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։

32 Յովսէփին որդիներէն Եփրեմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 33 Եփրեմին ցեղէն համրուածները քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։

34 Մանասէին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 35 Մանասէին ցեղէն համրուածները երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։

36 Բենիամինին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 37 Բենիամինին ցեղէն համրուածները երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։

38 Դանին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը 39 Դանին ցեղէն համրուածները վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։

40 Ասերին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 41 Ասերին ցեղէն համրուածները քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։

42 Նեփթաղիմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ 43 Նեփթաղիմին ցեղէն համրուածները յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։

44 Ասոնք են այն համրուածները, որոնք Մովսէս, Ահարոն ու Իսրայէլի իշխանները համրեցին. այս իշխանները տասներկու մարդիկ էին։ Ամէն մէկը իր հօրը տանը կողմէն։ 45 Այսպէս Իսրայէլի որդիները՝ ամէնքը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները համրուեցան։ 46 Եւ բոլոր համրուածները վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։

47 Բայց Ղեւտացիները իրենց հայրերուն սերունդովը ասոնց հետ չհամրուեցան։ 48 Քանզի Տէրը խօսեր էր Մովսէսին ըսելով. 49 «Միայն Ղեւտացիներուն ցեղը պիտի չհամրես եւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ անոնց գումարը պիտի չաւելցնես. 50 Բայց դուն Ղեւտացիները վկայութեան խորանին ու անոր բոլոր բաներուն վերակացու դիր. անոնք պիտի վերցնեն խորանը ու անոր բոլոր կարասիները եւ անոր սպասաւորութիւնը անոնք պիտի ընեն ու խորանին բոլորտիքը անոնք պիտի բնակին։ 51 Եւ խորանին չուելու ատենը Ղեւտացիները վար պիտի առնեն զայն ու խորանին իջեւանը ընելու ատենը Ղեւտացիները պիտի կանգնեցնեն զայն եւ անոր մօտեցող օտարականը պէտք է մեռցուի։

52 Եւ Իսրայէլի որդիները իրենց գունդերովը ամէն մէկը իր բանակին քով ու ամէն մէկը իր դրօշակին քով իջեւան թող ընեն»։ 53 Բայց Ղեւտացիները վկայութեան խորանին բոլորտիքը պէտք է բնակին, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանին պահպանութիւնը ընեն»։ 54 Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածները ըրին։ Այնպէս ըրին։

ԻՋԵՒԱՆԻՆ ՄԷՋ ՑԵՂԵՐՈՒՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

2 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն ամէն մէկը իր դրօշակին քով իրենց հայրերուն տանը նշանովը իջեւան պիտի ընեն. վկայութեան խորանին դէմ շուրջանակի։

Առջեւի կողմը՝ դէպի արեւելք իջեւան ընողները Յուդային բանակին զօրքերը թող ըլլան իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ամինադաբի որդին Նաասոնը Յուդային որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։) Եւ անոր քով իջեւան ընողները Իսաքարին ցեղը պիտի ըլլայ եւ Սովգարի որդին Նաթանայէլը Իսաքարի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։) Ետքը Զաբուղոնին ցեղը եւ Քեղոնի որդին Եղիաբը Զաբուղոնի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։) (Յուդային բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր ութսունըվեց հազար չորս հարիւր հոգի էին։) Ասոնք առջեւէն պիտի չուեն։

10 Հարաւային կողմը Ռուբէնին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ռուբէնին որդիներուն իշխան՝ Սեդիուրի որդին Եղիսուրը պիտի ըլլայ։ 11 (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։) 12 Եւ անոր քով իջեւան ընողները Շմաւոնին ցեղը պիտի ըլլայ ու Շմաւոնին որդիներուն իշխան՝ Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը պիտի ըլլայ։ 13 (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։) 14 Ու ետքը Գադին ցեղը եւ Գադի որդիներուն իշխան՝ Դագուէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։ 15 (Անոր համրուած զօրքը քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։) 16 (Ռուբէնին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր յիսունըմէկ հազար չորս հարիւր յիսուն հոգի էին)։ Եւ երկրորդ ասոնք պիտի չուեն։

17 Ետքը Ղեւտացիներու բանակին հետ բանակներուն մէջտեղը վկայութեան խորանը պիտի չուէ. ամէն մարդ իր տեղը իրենց դրօշակներուն քով ինչպէս իջեւան ըրին, այնպէս պիտի չուեն։

18 Արեւմտեան կողմը Եփրեմին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը ու Եփրեմի որդիներուն իշխան՝ Ամիուդի որդին Եղիսաման պիտի ըլլայ։ 19 (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին)։ 20 Եւ անոր քով Մանասէին ցեղը ու Մանասէին որդիներուն իշխան՝ Փադասուրի իշխան Գամաղիէլը պիտի ըլլայ։ 21 (Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։) 22 Ու ետքը Բենիամինին ցեղը եւ Բենիամինին որդիներուն իշխան՝ Գեդէօնին որդին Աբիդանը պիտի ըլլայ։ 23 (Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։) 24 (Եփրեմին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ հարիւր ութը հազար հարիւր հոգի էին։) Եւ երրորդ ասոնք պիտի չուեն։

25 Հիւսիսային կողմը Դանին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Դանի որդիներուն իշխան՝ Ամիսադայի որդին Աքիեզերը պիտի ըլլայ։ 26 (Եւ անոր համրուած զօրքը վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։) 27 Եւ անոր քով իջեւան ընողները Ասերին ցեղը պիտի ըլլայ ու Ասերի որդիներուն իշխան՝ Եքրանի որդին Փագիէլը պիտի ըլլայ։ 28 (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։) 29 Ու ետքը Նեփթաղիմին ցեղը ու Նեփթաղիմի որդիներուն իշխան՝ Ենանի որդին Աքիրէն պիտի ըլլայ։ 30 (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։) 31 (Դանին բանակին մէջ բոլոր համրուածները հարիւր յիսունըեօթը հազար վեց հարիւր հոգի էին։) Ասոնք իրենց դրօշակներովը ամենէն վերջը պիտի չուեն»։

32 Իսրայէլի որդիները՝ իրենց հայրերուն տուներովը համրուածները՝ ասոնք են։ Բանակներուն մէջ բոլոր համրուածները իրենց գունդերուն կարգովը վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։ 33 Բայց Ղեւտացիները չհամրուեցան Իսրայէլի որդիներուն հետ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 34 Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այսպէս իրենց դրօշակներովը իջեւան կ’ընէին ու այսպէս անոնք ամէն մէկը իրենց տոհմերուն կարգովը եւ իրենց հայրերուն տուներովը կը չուէին։

ԱՀԱՐՈՆԻՆ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

3 1 Ահարոնին ու Մովսէսին ազգաբանութիւնը այս է՝ Տէրոջը Մովսէսին հետ Սինա լերանը վրայ խօսած օրը։ Ահարոնին որդիներուն անունները ասոնք են՝ անդրանիկը Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար։ Ասոնք էին Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ անունները, որոնք օծուած եւ օրհնուած էին քահանայութիւն ընելու։ Նադաբ ու Աբիուդ Սինայի անապատին մէջ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան Տէրոջը առջեւ ու անոնք որդի չունէին, իսկ Եղիազար ու Իթամար իրենց հօրը Ահարոնին առջեւ քահանայութիւն ըրին։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՍԱՀՄԱՆՈՒԻՆ

Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ղեւիին ցեղը մօտեցուր ու զանոնք Ահարոն քահանային առջեւ կեցուր, որպէս զի անոր սպասաւորութիւն ընեն։ Անոր ու բոլոր ժողովուրդին պահպանութիւնը կատարեն վկայութեան խորանին առջեւ, երբ խորանին կը ծառայեն։ Եւ վկայութեան խորանին բոլոր կարասիներն ու Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի կատարեն՝ խորանին ծառայելով։ Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է տաս Ղեւտացիները. ասոնք Իսրայէլի որդիներէն բոլորովին անոր տրուած են։ 10 Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց քահանայական պաշտօնը կատարելու պէտք է կարգես, բայց մօտեցող օտարականը պիտի մեռցուի»։

11 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 12 «Եւ ես ահա Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները առի, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն մօրը արգանդը բացող անդրանիկին տեղը, ուստի Ղեւտացիները իմս պիտի ըլլան։ 13 Քանզի ամէն անդրանիկ իմս է. երբ Եգիպտոսի մէջ բոլոր անդրանիկները զարկի, Իսրայէլի բոլոր անդրանիկները, մարդէն մինչեւ անասուն, սրբեցի ինծի համար։ Անոնք իմս պիտի ըլլան։ Ես եմ Տէրը»։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ

14 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինայի անապատին մէջ՝ ըսելով. 15 «Համրէ Ղեւիին որդիները իրենց հայրերուն տուներուն եւ իրենց ազգատոհմերուն նայելով. մէկ ամսականէն վեր եղող ամէն արու պէտք է համրես»։ 16 Մովսէս Տէրոջը խօսքին համեմատ համրեց զանոնք, ինչպէս իրեն պատուիրուեցաւ։ 17 Եւ Ղեւիին որդիները իրենց անուններովը ասոնք էին՝ Գերսոն եւ Կահաթ ու Մերարի։ 18 Գերսոնին որդիներուն անունները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Ղոբենի ու Սեմէի։ 19 Եւ Կահաթին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Ամրամ եւ Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ էին։ 20 Եւ Մերարիին որդիները իրենց տոհմերովը Մոողի ու Մուսի էին։ Ղեւտացիներուն տոհմերը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ ասոնք էին։

21 Գերսոնէն Ղոբենեաններու տոհմը եւ Սեմէեաններու տոհմը եղաւ. Գերսոնեաններու տոհմը ասոնք են։ 22 Ասոնցմէ համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, եօթը հազար հինգ հարիւր էին։ 23 Գերսոնեաններու տոհմերը խորանին ետեւի կողմը դէպի արեւմուտք իջեւան պիտի ընեն։ 24 Եւ Գերսոնեաններուն հօրը տանը իշխանը Լայէլի որդին Եղիասափը պիտի ըլլայ։ 25 Եւ վկայութեան խորանին մէջ Գերսոնին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են՝ խորանն ու վրանը, անոր ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրները, 26 Խորանին եւ սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին վարագոյրները եւ սրահին դրանը վարագոյրը եւ անոր բոլոր գործերուն համար պէտք եղած չուանները։

27 Կահաթէ Ամրամեաններուն տոհմն ու Իսահառեաններուն տոհմը եւ Քեբրոնեաններուն տոհմն ու Ոզիէլեաններուն տոհմը։ Կահաթեաններուն տոհմերը ասոնք են՝ 28 Մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները ութը հազար վեց հարիւր հոգի էին, որոնք սրբարանին պահպանութիւնը կ’ընէին։ 29 Կահաթին որդիներուն տոհմերը խորանին հարաւային կողմը իջեւան պիտի ընեն։ 30 Եւ Կահաթեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Ոզիէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։ 31 Եւ անոնց պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են՝ տապանակին ու առաջաւորութեան հացին սեղանը եւ աշտանակն ու սեղանները եւ սրբարանին գործիքները, որոնցմով պաշտամունք կը կատարեն եւ վարագոյրն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները։ 32 Եւ Ղեւտացիներու իշխաններուն իշխանը՝ Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը պիտի ըլլայ, որ սրբարանին պահպանութիւնը ընողներուն վրայ վերակացու պիտի ըլլայ։

33 Եւ Մերարիէ Մոողեաններուն տոհմը եւ Մուսեաններուն տոհմը եղաւ. ասոնք են Մերարիին տոհմերը։ 34 Անոնց համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, վեց հազար երկու հարիւր հոգի էին։ 35 Եւ Մերարեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Աբիքէլի որդին Սուրիէլը պիտի ըլլայ։ Ասոնք խորանին հիւսիսային կողմը իջեւան պիտի ընեն։ 36 Եւ Մերարիին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ սիւներն ու խարիսխները եւ անոր բոլոր գործիքներն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները 37 Եւ շուրջանակի սրահին սիւները, անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու անոնց չուանները։

38 Խորանին առջեւի կողմը, այսինքն վկայութեան խորանին առջեւ դէպի արեւելք, իջեւան ընողները Մովսէսն ու Ահարոնը եւ անոր որդիները պէտք է ըլլան, որ սրբարանին եւ Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի ընեն, բայց անոր մօտեցող ոեւէ օտարական պէտք է մեռցուի։ 39 Բոլոր համրուած Ղեւտացիներուն, որոնք իրենց տոհմերովը Տէրոջը խօսքին համեմատ Մովսէսն ու Ահարոնը համրեցին, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները քսանըերկու հազար էին։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԸ ԿԸ ԳՐԱՒԵՆ

40 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իսրայէլի որդիները մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր անդրանիկ արուները համրէ ու անոնց թիւը անուններով առ։ 41 Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն փոխարէն՝ Ղեւտացիները ա՛ռ ինծի համար։ Ես եմ Տէրը։ Ղեւտացիները՝ Իսրայէլի որդիներուն անասուններուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ»։ 42 Մովսէս համրեց Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։ 43 Բոլոր անդրանիկները իրենց անուններով, մէկ ամսականէն վեր համրուողները, քսանըերկու հազար երկու հարիւր եօթանասունըերեք հոգի էին։

44 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 45 «Իսրայէլի որդիներուն մէջ բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիներուն անասունները առ, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան։ Ես եմ Տէրը։ 46 Եւ Ղեւտացիներուն թիւէն աւելցած՝ Իսրայէլի որդիներուն երկու հարիւր եօթանասունըերեք անդրանիկներուն փրկանք ըլլալու համար, 47 Մարդ գլուխ հինգ սիկղ առ՝ սրբարանին սիկղին համեմատ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։ 48 Եւ անոնց մէջ աւելցածներուն փրկանքին ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տո՛ւր»։ 49 Եւ Մովսէս Ղեւտացիներով փրկուածներուն աւելցածներէն փրկանքին ստակը առաւ։ 50 Իսրայէլի որդիներուն անդրանիկներէն սրբարանին սիկղին համեմատ՝ հազար երեք հարիւր վաթսունըհինգ սիկղ արծաթ առաւ։ 51 Մովսէս Տէրոջը խօսքին պէս՝ փրկուածներուն ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուաւ՝ ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։

ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ԿԱՀԱԹԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

4 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Ղեւիի որդիներէն Կահաթի որդիներուն մարդահամարը առ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ։ Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը, վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ մտնողը համրէ։ Վկայութեան խորանին մէջ Կահաթի որդիներուն պաշտօնը սուրբ բաներն են։ Եւ երբ բանակը չուելու ըլլայ, Ահարոնն ու անոր որդիները թող գան ու ծածկոցին վարագոյրը իջեցնեն եւ անով վկայութեան տապանակը ծածկեն։ Եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցը անոր վրայ դնեն ու անոր վրայ բոլորովին կապուտակ կաթ մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։ Եւ առաջաւորութեան սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը թող տարածեն ու անոր վրայ թող դնեն սկուտեղները եւ խնկամաններն ու գաւաթները եւ ըմպելիքի նուէր մատուցանելու բաժակները ու ամէն օրուան հացերն ալ անոր վրայ պէտք է ըլլան Եւ անոնց վրայ կրկնակի կարմիրէ լաթ մը թող տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։ Եւ կապուտակէ լաթ մը առնեն ու ծածկեն լոյսի աշտանակը եւ անոր ճրագներն ու անոր ունելիները եւ բազմակալներն ու անոր բոլոր իւղի ամանները, որոնցմով կը մատակարարեն։ 10 Եւ զանիկա իր բոլոր գործիքներովը թէհաշի մորթերէ ծածկոցի մը մէջ, լծակի մը վրայ թող դնեն զայն։ 11 Եւ ոսկի սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով մը ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։ 12 Եւ սրբարանին պաշտամունքին գործածուած բոլոր գործիքները պէտք է առնեն ու կապուտակ լաթի մը մէջ փաթթեն եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զանիկա ու լծակի մը վրայ դնեն։ 13 Եւ ողջակէզի սեղանէն մոխիրները հանելով՝ անոր վրայ ծիրանեգոյն լաթ մը թող տարածեն 14 Եւ անոր վրայ պաշտամունքին համար գործածուած բոլոր գործիքները, այսինքն կրակի ամանները, մսահանները, թիակները եւ կոնքերը (սեղանին բոլոր գործիքները) այն լաթին վրայ դնեն ու անոր վրայ թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։ 15 Եւ Ահարոն ու անոր որդիները բանակին չուած ատենը՝ սրբարանն ու սրբարանին բոլոր կարասիները ծածկելը թող լմնցնեն ու ետքը Կահաթի որդիները թող գան զանոնք վերցնեն. բայց սուրբ բաներու չդպչին, որպէս զի չմեռնին»։ Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջի գոյքերը, որ Կահաթի որդիները պիտի կրեն։

16 Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը լոյսի իւղին ու անուշահոտ խունկին եւ ամէն օրուան հացի ընծային ու օծման իւղին վրայ վերակացու պիտի ըլլայ եւ բոլոր խորանին ու անոր մէջի բոլոր բաներուն, սրբարանին ու անոր կարասիներուն վրայ վերակացու ըլլայ»։

17 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 18 «Ղեւտացիներուն մէջէն Կահաթեաններուն տոհմերուն ցեղը մի՛ կորսնցնէք. 19 Բայց անոնց հետ այնպէս վարուեցէք, որ սուրբ բաներուն մօտեցած ատեննին ողջ մնան ու չմեռնին։ Ահարոն ու իր որդիները թող գան ու անոնցմէ իւրաքանչիւրին պաշտօնն ու գործը որոշեն։ 20 Բայց երբ սուրբ բաները կը ծածկեն, անոնք տեսնելու համար թող ներս չմտնեն, որպէս զի չմեռնին»։

ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ԳԵՐՍՈՆԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

21 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 22 «Գերսոնին որդիներուն մարդահամարն ալ առ, իրենց հայրերուն տուներուն ու իրենց տոհմերուն համեմատ։ 23 Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը համրէ, բոլոր անոնք որ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել։ 24 Գերսոնեաններուն տոհմերուն ծառայելու ու բեռ վերցնելու պաշտօնը այս է. 25 Անոնք պիտի վերցնեն խորանին վարագոյրները ու վկայութեան խորանը, անոր ծածկոցն ու անոր վրայի թէհաշի ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրը 26 Եւ խորանին ու սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին վարագոյրներն ու սրահը մտնելու դրան վարագոյրն ու անոնց չուանները եւ անոնց պաշտամունքին բոլոր գործիքները պիտի վերցնեն ու ասոնց հարկաւոր եղած բոլոր սպասաւորութիւնները պիտի ընեն։ 27 Գերսոնեաններուն որդիներուն բոլոր պաշտօնը, իրենց բոլոր բեռներուն ու իրենց բոլոր պաշտօններուն համար՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն հրամանովը պիտի ըլլայ։ Անոնց բոլոր բեռները իրենց պահպանութեանը պէտք է յանձնէք»։ 28 Գերսոնեաններուն որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը այս է վկայութեան խորանին մէջ։ Անոնց պահպանութիւնը Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ պիտի ըլլայ։

ՂԵՒԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԷՆ ՄԵՐԱՐԻԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

29 Մերարիին որդիներն ալ համրէ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ. 30 Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը։ Անոնք որ վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել՝ համրէ՛։ 31 Եւ վկայութեան խորանին մէջ անոնց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ անոնց յանձնուած բեռները ասոնք են՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ անոր սիւները եւ խարիսխները 32 Եւ շուրջանակի սրահին սիւներն ու անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու չուանները՝ անոնց բոլոր գործիքներովը։ Անոնց բոլոր պաշտօնը, անոնց պահպանութեան բեռները եւ գործիքները անուններովը պիտի յանձնէք իրենց։ 33 Այս է Մերարիին որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը վկայութեան խորանին մէջ, իրենց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ»։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ

34 Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդին իշխանները համրեցին Կահաթեաններուն որդիները անոնց տոհմերուն ու անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ։ 35 Երեսուն տարեկանէն մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները 36 Ու անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն հոգի էին։ 37 Ասոնք են վկայութեան խորանին բոլոր ծառայութիւնը ընող Կահաթեաններուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրեր էր։

38 Գերսոնին որդիներուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 39 Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան։ 40 Անոնց համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ երկու հազար վեց հարիւր երեսուն հոգի էին։ 41 Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջ բոլոր ծառայութիւն ընող Գերսոնի որդիներուն տոհմերէն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին Տէրոջը պատուիրածին պէս։

42 Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 43 Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան։ 44 Եւ անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երեք հազար երկու հարիւր հոգի էին։ 45 Ասոնք են Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։

46 Ղեւտացիներուն բոլոր համրուածները՝ որոնք Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի իշխանները համրեցին իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, 47 Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ պաշտօն ու բեռ կրելու ծառայութիւնը ընելու բոլոր կարողները, 48 Այսինքն անոնց համրուածները ութ հազար հինգ հարիւր ութսուն հոգի էին։ 49 Անոնք Տէրոջը պատուիրածին պէս համրուեցան Մովսէսին ձեռքով, ամէն մէկը իր պաշտօնին ու բեռին նայելով. այսպէս համրուեցան անոնք, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։

ԱՆՄԱՔՈՒՐ ՄԱՐԴԻԿ

5 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Հրաման ըրէ Իսրայէլի որդիներուն, որ բանակէն դուրս ձգեն ամէն բորոտ եւ ամէն ծորում ունեցող եւ մեռելի մը դպչելով անմաքուր եղողը։ Արուն ալ էգն ալ դուրս ձգեցէք. բանակէն դուրս պէտք է ձգէք զանոնք, որպէս զի չպղծեն իրենց բանակները՝ որոնց մէջտեղը ես կը բնակիմ»։ Եւ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին ու բանակէն դուրս ձգեցին զանոնք։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս ըրին Իսրայէլի որդիները։

ՍԽԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, Երբ մարդ մը կամ կին մը մարդոց բոլոր մեղքերէն մէկը գործելով՝ Տէրոջը դէմ մեղանչէ, այդ անձը յանցաւոր կ’ըլլայ, Այն ատեն իր ըրած մեղքը պէտք է խոստովանի եւ անիկա իր ըրած վնասը լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ մէկ հինգերորդը աւելցնէ ու վնասը քաշողին տայ։ Եւ եթէ այն վնաս քաշող մարդը ոեւէ ազգական չունենայ, որուն այդ վնասը հատուցուի, այն ատեն եղած վնասը Տէրոջը հատուցուելով, քահանային պէտք է ըլլայ բացի քաւութեան խոյէն, որով այն յանցաւոր մարդուն համար քաւութիւն պիտի ըլլայ։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաները եւ ամէն ընծայ որ կը բերեն քահանային, անոր պէտք է ըլլայ։ 10 Եւ ոեւէ մարդու սուրբ բաները անոր պէտք է ըլլան։ Ամէն մարդ ինչ որ տայ քահանային, անորը պիտի ըլլայ»։

ԿԱՍԿԱԾՈՏ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐՈՒ ԿԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

11 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 12 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդու մը կինը խոտորի ու անոր անհաւատարմութիւն ընէ 13 Եւ մէկը անոր հետ պառկելով զուգաւորուի ու անոր այրը տեսած չըլլալով բանը գաղտուկ մնայ եւ անոր պղծուած ատենը տեսնող մը չըլլայ ու կինդ չբռնուի 14 Եւ էրկանը մէջ կասկած արթննալով՝ իր կնոջ պղծուելուն համար կասկածի, կամ կինը պղծուած չըլլալով էրկանը մէջ կասկած արթննայ ու կասկածի, 15 Այն ատեն այն մարդը իր կինը քահանային պէտք է բերէ եւ անոր իբր ընծայ գարիի ալիւրէն արդուին մէկ տասներորդ բաժինը պէտք է բերէ. իւղ պէտք չէ թափէ անոր վրայ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ վրան, վասն զի կասկածամտութեան ընծայ մըն է ան, յիշատակի ընծայ, որ մեղքը կը յիշատակէ։ 16 Քահանան կինը թող մօտեցնէ ու Տէրոջը առջեւ կանգնեցնէ։ 17 Եւ քահանան հողէ ամանով սուրբ ջուր թող առնէ ու քահանան խորանին յատակը եղած հողէն առնէ եւ ջուրին մէջ դնէ։ 18 Քահանան Տէրոջը առջեւ թող կանգնեցնէ կինը ու կնոջ գլուխը բանայ եւ յիշատակի ընծան, այսինքն կասկածամտութեան ընծան, անոր ձեռքը տայ ու անէծքին լեղի ջուրը քահանան իր ձեռքը պէտք է ունենայ։ 19 Քահանան անոր թող երդում ընել տայ ու ըսէ կնոջը. ‘Եթէ մարդ մը քեզի հետ չպառկեցաւ եւ եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով չպղծուեցար, անէծքին այս լեղի ջուրը քեզի վնաս մը թող չընէ. 20 Բայց եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով պղծուեցար եւ քու այրէդ զատ ուրիշ մարդ մը քեզի հետ պառկեցաւ, 21 (Այն ատեն քահանան կնոջ անէծքի երդում ընել պիտի տայ եւ քահանան կնոջ պիտի ըսէ,) Տէրը քեզ քու ժողովուրդիդ մէջտեղը անէծքի ու երդումի համար թող դնէ, երբ Տէրը քու զիստդ փտտեցնէ ու քու փորդ ուռեցնէ 22 Եւ այս անէծքին ջուրը քու աղիքներուդ մէջ թող երթայ, որպէս զի քու փորդ ուռեցնէ ու քու զիստդ փտտեցնէ’։ Եւ կինը թող ըսէ. ‘Ամէն, ամէն’։ 23 Եւ քահանան այս անէծքները գրքի մը մէջ թող գրէ ու այդ լեղի ջրովը թող աւրէ։ 24 Եւ անէծքին լեղի ջուրը այն կնոջ թող խմցնէ ու անէծքին ջուրը անոր ներսիդին պիտի երթայ եւ ցաւեր յառաջացնէ։ 25 Եւ քահանան կնոջ ձեռքէն կասկածամտութեան ընծան թող առնէ ու Տէրոջը առջեւ երերցնէ եւ սեղանին մօտեցնէ զայն։ 26 Եւ քահանան ընծայէն իր ձեռքը թող առնէ յիշատակի համար ու սեղանին վրայ այրէ զայն ու ետքը այն ջուրը կնոջ թող խմցնէ։ 27 Եւ ջուրը անոր խմցնելէն յետոյ՝ եթէ անիկա պղծուած ու իր էրկանը անհաւատարմութիւն ըրած է, անէծքին ջուրը լեղի ըլլալով՝ երբ մտնէ անոր ներսիդին, անոր փորը պիտի ուռի ու անոր զիստը փտտի՝ կինը իր ժողովուրդին մէջ անիծեալ թող ըլլայ։ 28 Իսկ եթէ կինը պղծուած չըլլալով մաքուր է, վնաս պիտի չկրէ ու զաւակ պիտի ծնանի։ 29 Կասկածամտութեան օրէնքը այս է, երբ կին մը իր էրկանը անհաւատարմութիւն ընելով պղծուի, 30 Կամ երբ մարդու մը մէջ կասկածամտութեան ոգի գայ ու կնոջ վրայ կասկածի, Տէրոջը առջեւ պիտի կանգնեցնէ կինը եւ քահանան կատարէ այս բոլորը անոր վրայ 31 Եւ այն մարդը ազատ պիտի ըլլայ յանցանքէն, բայց կինը իր յանցանքը պիտի կրէ»։

ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

6 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդ մը կամ կին մը ինքզինք Տէրոջը նուիրէ եւ ուխտի կամ նուիրման զաւակ ըլլայ, Գինիէ եւ օղիէ պէտք է զգուշանայ. գինիի քացախ կամ օղիի քացախ պէտք չէ խմէ եւ բնաւ խաղողի օշարակ պէտք չէ խմէ ու խաղող կամ չամիչ պէտք չէ ուտէ։ Ինքզինք նուիրելէ ետք որթատունկէն եղած բան մը պէտք չէ ուտէ, կուտերէն մինչեւ կեղեւը։ Ինքզինք նուիրելէ ետք իր գլխուն ածելի պէտք չէ զարնէ. մինչեւ ինքզինք Տէրոջը նուիրած օրերը լմննան՝ ինք սուրբ պէտք է ըլլայ եւ իր գլխու մազերը պէտք է թողու որ աճին։ Ինքզինք Տէրոջը նուիրած բոլոր օրերը մեռած մարմնի մը պէտք չէ մօտենայ. Իր հօրը համար կամ մօրը համար, իր եղբօրը կամ իր քրոջը համար ինքզինք պէտք չէ պղծէ, երբ անոնք մեռնին, քանզի իր Աստուծոյն ուխտը իր գլխուն վրայ է։ Որքան ատեն որ ինքզինք նուիրած է, բոլոր օրերը ինք սուրբ է Տէրոջը։ Եւ եթէ իր քով յանկարծ մարդ մը մեռնի ու իր նուիրած գլուխը պղծուի, մաքրուելու համար իր գլուխը պէտք է ածիլէ. եօթներորդ օրը ածիլէ զայն 10 Եւ ութերորդ օրը վկայութեան խորանին դուռը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է բերէ քահանային։ 11 Քահանան մէկը՝ իբր մեղքի պատարագ ու միւսը իբր ողջակէզ պիտի մատուցանէ եւ մեռելին պատճառած մեղքին համար քաւութիւն պիտի ընէ անոր ու այն օրը պիտի սրբէ անոր գլուխը։ 12 Իր ուխտին օրերը Տէրոջը պէտք է նուիրէ ու յանցանքի պատարագի համար մէկ տարեկան գառնուկ մը բերէ առանց նախկին օրերը համրելու, որովհետեւ իր ուխտը պղծուեցաւ։

13 Ուխտաւորին օրէնքը այս է՝ Երբ ինքզինք նուիրելու օրերը լմննան, անիկա վկայութեան խորանին դուռը պէտք է բերուի 14 Եւ իր զոհը Տէրոջը պէտք է մատուցանէ։ Մէկ տարեկան անարատ արու գառնուկ մը ողջակէզի համար ու մէկ տարեկան անարատ էգ գառնուկ մը մեղքի պատարագի համար եւ անարատ խոյ մը խաղաղութեան զոհի համար։ 15 Սակառ մը բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած թթխմորի շօթեր ու իւղով օծուած առանց թթխմորի լաւաշներ եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ։ 16 Քահանան անոր մեղքի պատարագը ու անոր ողջակէզը Տէրոջը առջեւ մօտեցնելով պէտք է մատուցանէ։ 17 Խոյը իբր խաղաղութեան զոհ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը՝ առանց թթխմորի հացին սակառովը ու քահանան անոր հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ։ 18 Ուխտաւորը իր նուիրած գլուխը պէտք է ածիլէ վկայութեան խորանին դուռը ու իր նուիրած գլխուն մազը թող առնէ եւ խաղաղութեան զոհին տակ եղած կրակին մէջ թող նետէ։ 19 Քահանան խոյէն՝ եփած թեւը եւ սակառէն առանց թթխմորի շօթ մը ու մէկ լաւաշ առնէ եւ ուխտաւորին ձեռքերուն վրայ դնէ մազերուն ածիլուելէն ետքը։ 20 Եւ քահանան իբր երերցնելու ընծայ թող մատուցանէ զանոնք Տէրոջը առջեւ։ Ասոնք երերցնելու երբուծով ու բարձրացնելու զիստով քահանային համար սուրբ են եւ անկէ յետոյ ուխտաւորը գինի թող խմէ։ 21 Ուխտաւորի մը ու անոր նուիրուելուն համար Տէրոջը խոստացած իր ընծային օրէնքը այս է՝ իր ձեռքը հասածէն զատ։ Անիկա իր ըրած խոստումը իր նուիրուելուն օրէնքովը պէտք է կատարէ»։

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

22 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 23 «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. Այսպէս պիտի օրհնէք Իսրայէլի որդիները՝ ըսելով անոնց. 24 ‘Տէրը օրհնէ քեզ եւ պահէ քեզ. 25 Տէրը պայծառացնէ իր երեսը քու վրադ ու ողորմի քեզի. 26 Տէրը իր երեսը քու վրադ վերցնէ եւ խաղաղութիւն տայ քեզի’։ 27 Եւ իմ անունս Իսրայէլի որդիներուն վրայ պիտի դնեն ու ես պիտի օրհնեմ զանոնք»։

ԱՌԱՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄ

7 1 Այն օրը երբ Մովսէս լմնցուց խորանին կարգադրութիւնը եւ զանիկա ու անոր բոլոր անօթները օծեց ու սրբեց եւ սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները օծեց ու զանոնք սրբեց, Այն ատեն Իսրայէլի իշխանները՝ իրենց հայրերուն տանը գլուխները՝ ժողովուրդը համրելու վերակացու իշխանները՝ ընծաներ տուին։ Եւ բերին իրենց ընծաները Տէրոջը առջեւ, վեց ծածկուած սայլեր եւ տասներկու եզներ. ամէն երկու իշխանները՝ մէկ սայլ եւ ամէն մէկը՝ մէկ–մէկ եզ եւ մօտեցուցին զանոնք վկայութեան խորանին առջեւ։ Այն ատեն Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Անոնցմէ ա՛ռ ու Ղեւտացիներուն տո՛ւր ատոնք՝ ամէն մէկուն իր պաշտօնին նայելով, որպէս զի վկայութեան խորանին պաշտամունքին ատեն գործածուին»։ Մովսէս առաւ սայլերն ու եզները ու զանոնք Ղեւտացիներուն տուաւ։ Երկու սայլ ու չորս եզը Գերսոնին որդիներուն տուաւ՝ անոնց պաշտօնին նայելով Եւ չորս սայլը եւ ութը եզը Մերարիին որդիներուն տուաւ, Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին վերակացութեամբ եղած անոնց պաշտօնին նայելով։ Բայց Կահաթին որդիներուն չտուաւ. քանզի անոնք սուրբ անօթներուն հոգատարութիւնը ստանձնած էին եւ իրենց ուսերով կը կրէին զանոնք։

10 Եւ սեղանին օծման օրը անոր նուիրման հանդէսին համար իշխանները ընծաներ տուին եւ իշխանները իրենց ընծաները սեղանին առջեւ մատուցանեցին։ 11 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Սեղանին նուիրման համար՝ ամէն մէկ իշխան մէկ–մէկ օր իրենց ընծաները թող մատուցանեն»։

12 Առաջին օրը իր ընծան մատուցանողը Յուդայի ցեղին իշխանը՝ Ամինադաբին որդին Նաասոնն էր։ 13 Եւ այս էր անոր ընծան՝ սրբարանին սիկղին համեմատ հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 14 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 15 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 16 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագին համար 17 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամինադաբին որդիին Նաասոնին ընծան էր այս։

18 Երկրորդ օրը մատուցանողը՝ Իսաքարի իշխանը Սովգարին որդին Նաթանայէլն էր։ 19 Անոր մատուցանած ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 20 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 21 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 22 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 23 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սովգարին որդիին Նաթանայէլին ընծան էր այս։

24 Երրորդ օրը մատուցանողը՝ Զաբուղոնի որդիներուն իշխանը Քեղոնին որդին Եղիաբն էր։ 25 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 26 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 27 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 28 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 29 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Քեղոնին որդիին Եղիաբին ընծան էր այս։

30 Չորրորդ օրը մատուցանողը՝ Ռուբէնի որդիներուն իշխանը Սեդիուրին որդին Եղիսուրն էր։ 31 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ հարիւր երեսուն սիկղէ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 32 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 33 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 34 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 35 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սեդիուրին որդիին Եղիսուրին ընծան էր այս։

36 Հինգերորդ օրը մատուցանողը՝ Շմաւոնի որդիներուն իշխանը Սուրիսադային որդին Սաղամիէլն էր։ 37 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 38 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 39 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 40 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 41 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սուրիսադային որդիին Սաղամիէլին ընծան էր այս։

42 Վեցերորդ օրը մատուցանողը՝ Գադի որդիներուն իշխանը Դագուէլին որդին Եղիասափն էր։ 43 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 44 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 45 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 46 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 47 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Դագուէլին որդիին Եղիասափին ընծան էր այս։

48 Եօթներորդ օրը մատուցանողը՝ Եփրեմի որդիներուն իշխանը Ամիուդին որդին Եղիսաման էր։ 49 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 50 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 51 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 52 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 53 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամիուդին որդիին Եղիսամային ընծան էր այս։

54 Ութերորդ օրը մատուցանողը՝ Մանասէի որդիներուն իշխանը Փադասուրին որդին Գամաղիէլն էր։ 55 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 56 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 57 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 58 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 59 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Փադասուրին որդիին Գամաղիէլին ընծան էր այս։

60 Իններորդ օրը մատուցանողը՝ Բենիամինի որդիներուն իշխանը Գեդէօնիին որդին Աբիդանն էր։ 61 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 62 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 63 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 64 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 65 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Գեդէօնիին որդիին Աբիդանին ընծան էր այս։

66 Տասներորդ օրը մատուցանողը՝ Դանի որդիներուն իշխանը Ամիսադային որդին Աքիեզերն էր։ 67 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 68 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 69 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 70 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 71 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամիսադային որդիին Աքիեզերին ընծան էր այս։

72 Տասնըմէկերորդ օրը մատուցանողը՝ Ասերի որդիներուն իշխանը Եքրանին որդին Փագիէլն էր։ 73 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 74 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 75 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 76 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 77 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Եքրանին որդիին Փագիէլին ընծան էր այս։

78 Տասնըերկրորդ օրը մատուցանողը՝ Նեփթաղիմի որդիներուն իշխանը Ենանին որդին Աքիրէն էր։ 79 Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, 80 Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, 81 Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, 82 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար 83 Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ենանին որդիին Աքիրէին ընծան էր այս։

84 Սեղանին օծուած օրը անոր նուիրման հանդէսին համար Իսրայէլի իշխաններէն նուիրուած ընծաները ասոնք էին՝ տասներկու արծաթ սկուտեղ, տասներկու արծաթ կոնք ու տասներկու ոսկի խնկաման, 85 Ամէն մէկ արծաթ սկուտեղ հարիւր երեսուն սիկղէ եւ ամէն մէկ կոնք եօթանասուն սիկղէ էր. այս ամաններուն բոլոր արծաթը երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր, սրբարանին սիկղին համեմատ. 86 Տասներկու ոսկի խնկաման, խունկով լեցուն, ամէն մէկ խնկաման, սրբարանին սիկղին համեմատ, տասնական սիկղ ըլլալով, խնկամաններուն բոլոր ոսկին հարիւր քսան սիկղ էր։ 87 Ողջակէզի համար բոլոր արջառները տասներկու զուարակ, խոյերը տասներկու, մէկ տարեկան գառները տասներկու էին, իրենց հացի ընծայովը եւ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազները տասներկու։ 88 Եւ խաղաղութեան զոհի համար բոլոր արջառները քսանըչորս զուարակ էին, խոյերը վաթսուն, նոխազները վաթսուն եւ մէկ տարեկան գառները վաթսուն էին։ Այս էր սեղանին նուիրման ողջակէզը՝ անոր օծուելէն յետոյ։

89 Եւ երբ Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ Տէրոջը հետ խօսելու, այն ատեն իրեն հետ խօսողին ձայնը վկայութեան տապանակին վրայ եղած քաւութեան վրայէն եւ երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, լսեց ու ինք Անոր հետ խօսեցաւ։

ԼԱՊՏԵՐՆԵՐՈՒՆ ԶԵՏԵՂՈՒՄԸ

8 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ՛ անոր. ‘Երբ ճրագները վառես, եօթը ճրագները աշտանակին առջեւի կողմէն լոյս պէտք է տան’»։ Եւ Ահարոն այնպէս ըրաւ. անոր ճրագները աշտանակին առջեւի կողմը զետեղեց լոյս տալու համար, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Եւ աշտանակը այսպէս շինուած էր. Կռածոյ ոսկիէ էր. անոր բունէն մինչեւ անոր ծաղիկները կռածոյ էին. Տէրոջը Մովսէսին ցուցուցած կաղապարին պէս՝ շինուեցաւ աշտանակը։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՍՐԲԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները ա՛ռ ու մաքրէ՛ զանոնք։ Այսպէս պիտի մաքրես զանոնք. մաքրութեան ջուր սրսկէ անոնց վրայ ու անոնք իրենց բոլոր մարմինը թող ածիլեն եւ իրենց հանդերձները լուան ու մաքրուին։ Ետքը զուարակ մը թող առնեն ու անոր հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւր. դուն ալ ուրիշ զուարակ մը առ մեղքի պատարագի համար։ Ղեւտացիները վկայութեան խորանին առջեւ մօտեցուր եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը հաւաքէ՛։ 10 Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ մօտեցուր ու Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերը Ղեւտացիներուն վրայ թող դնեն։ 11 Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն կողմէն՝ Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ ընծայ թող մատուցանէ։ Անոնք Տէրոջը պաշտօնը կատարելու համար ըլլան։ 12 Ղեւտացիները իրենց ձեռքերը զուարակներուն գլխուն վրայ թող դնեն ու Ղեւտացիներուն քաւութիւն ընելու համար մէկ զուարակը մեղքի պատարագ, իսկ միւսը իբր ողջակէզ մատուցանէ Տէրոջը։ 13 Ղեւտացիները Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ կայնեցո՛ւր ու զանոնք իբր ընծայ մատուցանէ՛ Տէրոջը։ 14 Այսպէս զատէ՛ Ղեւտացիները Իսրայէլի որդիներէն, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան։ 15 Անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը թող մտնեն։ Այսպէս մաքրէ՛ զանոնք եւ իբր ընծայ մատուցանէ՛ զանոնք. 16 Քանզի անոնք բոլորովին ինծի տրուած են Իսրայէլի որդիներէն։ Իսրայէլի որդիներուն մէջ մօրը արգանդը բացող բոլոր անդրանիկներուն տեղ ինծի առի զանոնք։ 17 Վասն զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, թէ՛ մարդու եւ թէ՛ անասունի, իմս են. Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները զարկած օրէս՝ զանոնք սրբեցի ինծի համար։ 18 Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիները առի։ 19 Իսրայէլի որդիներէն Ղեւտացիները բոլորովին Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուի, որպէս զի վկայութեան խորանին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ծառայեն եւ Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ընեն, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն վրայ հարուած չգայ՝ երբ Իսրայէլի որդիները սրբարանին մօտենան»։

20 Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն. Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին անոնց 21 Ու Ղեւտացիները մաքրուեցան եւ իրենց հանդերձները լուացին եւ Ահարոն իբր ընծայ մատուցանեց զանոնք Տէրոջը առջեւ ու Ահարոն անոնց համար քաւութիւն ըրաւ, որպէս զի զանոնք մաքրէ։ 22 Եւ անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը մտան՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն։

23 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 24 «Ղեւտացիներուն կանոնը այս է՝ Քսանըհինգ տարեկանէն վեր եղողները վկայութեան խորանին սպասարկող խումբին մէջ պէտք է մտնեն 25 Եւ յիսուն տարեկան ըլլալէ ետքը պաշտօնէն պիտի դադրին ու ա՛լ պիտի չծառայեն։ 26 Սակայն վկայութեան խորանին պահպանութեան համար պիտի օգնեն իրենց եղբայրներուն, բայց ծառայութիւն պիտի չընեն։ Այսպէս ըրին Ղեւտացիներուն՝ իրենց պահպանութիւններուն համար»։

ԵՐԿՐՈՐԴ ԶԱՏԻԿԸ

9 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինայի անապատին մէջ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան առաջին ամսուան մէջ՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիները որոշուած ժամանակին թող ընեն զատիկը։ Այս ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ պէտք է ընէք զայն՝ որոշուած ժամանակին՝ անոր բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր կարգադրութիւններուն համեմատ»։ Մովսէս պատուիրեց Իսրայէլի որդիներուն, որ զատիկը ընեն։ Անոնք առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ զատիկը ըրին Սինայի անապատին մէջ։ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։

Գտնուեցան ոմանք, որոնք մարդու մեռելէ պղծուած ըլլալով, այն օրը չկրցան զատիկը ընել, այլ Մովսէսին ու Ահարոնին առջեւ եկան Եւ այն մարդիկը ըսին անոնց. «Մենք մարդու մեռած մարմինէ պղծուած ենք. ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն մէջ Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին մատուցանելէն արգիլուինք»։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Կեցէ՛ք, նայիմ, Տէրը ի՛նչ կը պատուիրէ ձեր մասին»։

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 10 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եթէ ձեզմէ կամ ձեր սերունդէն մէկը մեռած մարմինէ մը պղծուի կամ հեռաւոր ճամբորդութեան մէջ ըլլայ, անիկա ալ զատիկը պէտք է ընէ Տէրոջը. 11 Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ, բաղարջով ու լեղի խոտերով պէտք է ուտեն զայն. 12 Անկէ մինչեւ առտու բան մը պէտք չէ թողուն եւ անկէ ոսկոր մը պէտք չէ կոտրեն, այլ զատկին բոլոր կանոններուն համեմատ պէտք է ընեն զայն։ 13 Բայց եթէ մաքուր եղող ու ճամբորդութեան մէջ չեղող մարդը զատիկը ընելը զանց ընէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, վասն զի Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին չմատուցանեց, ուստի այդ մարդը իր մեղքը պէտք է կրէ։ 14 Եւ եթէ օտարական մը ձեր մէջ պանդխտանայ ու զատիկը ընել ուզէ Տէրոջը, զատկին կանոնին եւ անոր կարգադրութեանը համեմատ պէտք է ընէ. թէ՛ օտարականին եւ թէ՛ երկրին բնիկին համար մէկ կանոն պիտի ունենաք»։

ՀՐԵՂԷՆ ԱՄՊԸ

(Ել. 40։34-38)

15 Այն օրը, երբ խորանը կանգնուեցաւ, ամպը պատեց վկայութեան խորանը ու իրիկուընէ մինչեւ առտու խորանին վրայ կրակի երեւոյթով մնաց։ 16 Միշտ այսպէս էր. ցորեկը ամպը կը ծածկէր զայն եւ գիշերը՝ կրակին երեւոյթը։ 17 Ու երբ ամպը խորանէն վերնար, անկէ յետոյ Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ ուր որ ամպը կենար, հոն Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին։ 18 Տէրոջը հրամանովը Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ Տէրոջը հրամանով իջեւան կ’ընէին. ամպը խորանին վրայ որչափ ատեն որ կենար, անոնք իրենց վրաններուն մէջ կը մնային։ 19 Եւ երբ ամպը շատ օրեր խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները Տէրոջը պատուէրը կը պահէին ու չէին չուեր։ 20 Նոյնպէս ալ երբ ամպը խորանին վրայ քիչ օր կենար, Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին ու Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին։ 21 Նոյնպէս ալ երբ ամպը իրիկուընէ մինչեւ առտու մնար, առտուն ամպին վեր ելած ատենը կը չուէին. թէ՛ ցորեկ ըլլար եւ թէ՛ գիշեր, ամպին ելած ատենը կը չուէին. 22 Կամ երկու օր, կամ մէկ ամիս եւ կամ մէկ տարի, որչափ ամպը խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին ու չէին չուեր. բայց երբ վերնար, կը չուէին։ 23 Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին եւ Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին. Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին համեմատ, Տէրոջը պատուէրը կը պահէին։

ԱՐԾԱԹԷ ՓՈՂԵՐԸ

10 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Քեզի երկու հատ արծաթէ փող շինէ՛. կռածոյ շինէ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդը կանչելու համար ու բանակներուն չուելուն համար գործածես։ Երբ զանոնք հնչեցնեն, բոլոր ժողովուրդը քովդ պիտի հաւաքուի վկայութեան խորանին դուռը։ Եւ եթէ փողին մէկը հնչեցնեն, իշխանները Իսրայէլի հազարապետները, քովդ պէտք է հաւաքուին։ Եւ երբ ազդարարութեան համար հնչեցնէք՝ արեւելքը իջեւանող բանակները պիտի չուեն։ Ու երբ երկրորդ անգամ ազդարարութեան փողը հնչեցնէք, հարաւային կողմը իջեւան ընող բանակները պիտի չուեն։ Անոնց չուելուն համար ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնեն։ Եւ երբ ժողովուրդը հաւաքելու ըլլաք, փող պիտի հնչեցնէք, բայց ազդարարութիւն մի՛ ընէք։ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ պէտք է փողը հնչեցնեն եւ ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ Եթէ պատերազմելու երթաք ձեր երկրին մէջ ձեզի նեղութիւն տուող թշնամիին դէմ, փողերով ազդարարութիւն պէտք է ընէք, որպէս զի յիշուիք Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ եւ ձեր թշնամիներէն ազատուիք։ 10 Ձեր ուրախութեան օրերուն ու ձեր տօներուն եւ ձեր ամսագլուխներուն մէջ փողերը պէտք է հնչեցնէք ձեր ողջակէզներուն վրայ ու ձեր խաղաղութեան զոհերուն վրայ, որպէս զի ձեզի յիշատակի համար ըլլան ձեր Աստուծոյն առջեւ։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՔ ԲԱՆԱԿԱՏԵՂԻՆ ԿԸ ԼՔԵՆ

11 Երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան քսաներորդ օրը վկայութեան խորանին վրայէն ամպը վեր ելաւ։ 12 Իսրայէլի որդիները իրենց իջեւանին՝ Սինայի անապատէն չուեցին ու ամպը Փառանի անապատին մէջ կեցաւ։ 13 Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին պէս չուեցին։ 14 Առաջ Յուդայի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամինադաբին որդին Նաասոնն էր։ 15 Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սովգարին որդին Նաթանայէլն էր։ 16 Եւ Զաբուղոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Քեղոնին որդին Եղիաբն էր։ 17 Եւ խորանը վար իջեցուցին ու խորանը վերցնող Գերսոնին որդիները եւ Մերարիին որդիները չուեցին։ 18 Ռուբէնին բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Սեդիուրին որդին Եղիսուրն էր։ 19 Եւ Շմաւոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սուրիսադային որդին Սաղամիէլն էր 20 Եւ Գադի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Դագուէլին որդին Եղիասափն էր։ 21 Եւ սրբարանը վերցնող Կահաթացիները չուեցին ու խորանը կը կեցնէին մինչեւ անոնց գալը։ 22 Եւ Եփրեմի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամիուդին որդին Եղիսաման էր։ 23 Եւ Մանասէի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Փադասուրին որդին Գամաղիէլն էր։ 24 Եւ Բենիամինի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Գեդէօնիին որդին Աբիդանն էր։ 25 Եւ Դանի որդիներուն բանակին դրօշակը իրենց գունդերուն կարգովը բոլոր բանակներուն ետեւէն չուեց ու անոր գունդին վրայ Ամիսադային որդին Աքիեզերն էր։ 26 Եւ Ասերի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Եքրանին որդին Փագիէլն էր։ 27 Եւ Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Ենանին որդին Աքիրէն էր։ 28 Իսրայէլի որդիները այս կարգով պիտի չուէին իրենց գունդերով։

29 Մովսէս իր աներոջ, այսինքն Մադիանացի Ռագուէլին որդիին Յոբաբին ըսաւ. «Մենք կը չուենք այն տեղը՝ որուն համար Տէրը ըսաւ թէ՝ ‘Ձեզի պիտի տամ’. մեզի հետ եկո՛ւր ու բարիք պիտի ընենք քեզի. վասն զի Տէրը Իսրայէլի բարիք խոստացաւ»։ 30 Եւ աները ըսաւ անոր. «Չեմ երթար, այլ իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս պիտի երթամ»։ 31 Եւ Մովսէս ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, մեզ մի՛ թողուր. քանզի անապատին մէջ մեր իջեւան ընելու տեղերը գիտես ու մեզի առաջնորդ եղիր։ 32 Եթէ մեզի հետ երթալու ըլլաս, ինչ բարութիւն որ Տէրը մեզի ընէ, մենք ալ քեզի նոյն բարութիւնը պիտի ընենք»։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՉՈՒԷ

33 Անոնք Տէրոջը լեռնէն երեք օրուան ճամբայ չուեցին ու Տէրոջը ուխտին տապանակը երեք օրուան ճամբայով անոնց առջեւէն կ’երթար, անոնց հանգստանալու տեղ գտնելու համար։ 34 Եւ երբ բանակատեղիէն կը չուէին, Տէրոջը ամպը ցորեկը անոնց վրայ էր։

35 Տապանակին չուելու ատենը Մովսէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ով Տէ՛ր ու քու թշնամիներդ թող ցրուին ու քեզ ատողները առջեւէդ փախչին»։ 36 Եւ անոր կենալու ատենը ինք կ’ըսէր. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի հազարաւոր բիւրաւորներուն դարձի՛ր»։

ՏԱԲԵՐԱ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԱՅԴ ՏԵՂԸ

11 1 Ժողովուրդը չարաչար կը տրտնջէր Տէրոջը առջեւ։ Տէրը լսեց եւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու Տէրոջը կրակը վառեցաւ անոնց մէջ եւ բանակին ծայրերը եղողները կորսնցուց։ Ժողովուրդը աղաղակեց Մովսէսին ու Մովսէս աղօթեց Տէրոջը եւ կրակը դադրեցաւ։ Եւ այն տեղին անունը Տաբերա դրաւ, քանի որ Տէրոջը կրակը անոնց մէջ այրեցաւ։ Եւ անոնց մէջի խառնիճաղանճ բազմութիւնը շատ բաներու ցանկացին ու Իսրայէլի որդիներն ալ դարձեալ լացին ու ըսին. «Ո՞վ մեզի ուտելու միս պիտի տայ. Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկերը, վարունգներն ու սեխերը եւ պրասներն ու սոխերը եւ սխտորները միտքերնիս կու գան։ Եւ հիմա մեր անձը չորցաւ. մանանայէն զատ ուրիշ բան մը չկայ աչքերնուս առջեւ»։ Եւ մանանան գինձի սերմի պէս ու անոր գոյնը սուտակի գոյնի պէս էր։ Ժողովուրդը կը պտըտէր ու կը հաւաքէր զայն եւ աղացքի մէջ կ’աղային կամ անկանի մէջ կը ծեծէին եւ պտուկներու մէջ կ’եփէին ու անկէ շօթեր կը շինէին եւ անոր համը իւղոտ գաթաներու համին պէս էր։ Գիշերը երբ բանակին վրայ ցօղ կ’իջնէր, մանանան ալ անոր վրայ կ’իջնէր։

ՄՈՎՍԷՍ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ Կ’ԸՆՏՐԷ

10 Այն ատեն Մովսէս լսեց որ ժողովուրդը իրենց տոհմերովը՝ ամէն մէկը իր վրանին դուռը կու լան եւ Տէրոջը բարկութիւնը խիստ բորբոքեցաւ ու Մովսէսին ալ գէշ երեւցաւ այս բանը։ 11 Եւ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ինչո՞ւ քու ծառադ չարչարեցիր ու ինչո՞ւ քու առջեւդ շնորհք չգտայ որ այս բոլոր ժողովուրդին բեռը իմ վրաս կը դնես։ 12 Միթէ ե՞ս եմ յղացեր այս բոլոր ժողովուրդը կամ ե՞ս եմ ծներ ասոնք, որ ինծի կ’ըսես՝ ‘Դայեակի մը կաթնկեր տղան գիրկը առնելուն պէս զանոնք գիրկդ ա՛ռ ու տա՛ր մինչեւ այն երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրի’։ 13 Ես ուրկէ՞ միս ճարեմ, որ այս բոլոր ժողովուրդին տամ. քանզի իմ բոլորտիքս կու լան ու կ’ըսեն. ‘Միս տո՛ւր մեզի, որ ուտենք’։ 14 Ես մինակ չեմ կրնար կրել այս բոլոր ժողովուրդին հոգը, վասն զի այս ինծի շատ ծանր է։ 15 Եւ եթէ ինծի այսպէս պիտի ընես, կ’աղաչեմ, մէկէն մեռցո՛ւր զիս, եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, որպէս զի իմ չարիքս չտեսնեմ»։ 16 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ինծի Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի հաւաքէ, որոնք դուն կը ճանչնաս որպէս ժողովուրդին ծերերն ու գլխաւորները եւ զանոնք վկայութեան խորանը բե՛ր ու հոն քեզի հետ թող կենան։ 17 Ես հոն պիտի իջնեմ ու խօսիմ քեզի հետ եւ քու վրադ եղած Հոգիէն պիտի առնեմ ու անոնց վրայ պիտի դնեմ, որպէս զի ժողովուրդին բեռը վերցնեն քեզի հետ ու դուն մինակ չվերցնես։ 18 Եւ ըսէ՛ ժողովուրդին. ‘Վաղուան համար սրբուեցէ՛ք, որ միս ուտէք. վասն զի Տէրոջը առջեւ լացիք՝ ըսելով. «Ո՞վ մեզի միս պիտի կերցնէ. քանզի Եգիպտոսի մէջ աղէկ կ’ապրէինք». ուստի Տէրը ձեզի միս պիտի տայ ու դուք պիտի ուտէք։ 19 Դուք ո՛չ միայն մէկ օր պիտի ուտէք եւ ո՛չ երկու օր, ո՛չ հինգ օր, ո՛չ տասը օր, ո՛չ ալ քսան օր. 20 Լման մէկ ամիս մինչեւ քթերնէդ դուրս գալը պիտի ուտէք, այնպէս որ զզուիք որովհետեւ ձեր մէջ եղող Տէրը արհամարհեցիք եւ անոր առջեւ լացիք ըսելով՝ «Ինչո՞ւ մենք Եգիպտոսէն ելանք»’»։

21 Բայց Մովսէս ըսաւ. «Այս ժողովուրդը, որոնց մէջ կը գտնուիմ, վեց հարիւր հազար հետեւակ հոգի են ու դուն ըսիր՝ ‘Ես անոնց միս պիտի տամ, որ լման մէկ ամիս ուտեն’. 22 Անոնց բաւելու համար միթէ բոլոր ոչխարներն ու արջառները պէտք է մորթուի՞ն. կամ ծովուն բոլոր ձուկերը մէկտեղ հաւաքուի՞ն»։ 23 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Միթէ տկա՞ր է Տէրոջը ձեռքը. հիմա կը տեսնես թէ քեզի ըսածիս պէս պիտի ըլլա՞յ թէ ոչ»։ 24 Եւ Մովսէս ելաւ ու Տէրոջը խօսքերը ժողովուրդին իմացուց եւ ժողովուրդին ծերերէն եօթանասուն հոգի զատեց ու զանոնք վկայութեան խորանին բոլորտիքը կայնեցուց։ 25 Եւ Տէրը ամպի մը մէջ իջաւ ու անոր հետ խօսեցաւ եւ անոր վրայ եղած Հոգիէն առաւ ու այն եօթանասուն ծերերուն վրայ դրաւ եւ երբ Հոգին անոնց վրայ հանգչեցաւ՝ մարգարէութիւն ըրին, բայց անկէ յետոյ չըրին։

26 Եւ երկու հոգի բանակին մէջ մնացին, մէկուն անունը Ելդադ էր ու միւսին անունը՝ Մովդադ եւ Հոգին հանգչեցաւ անոնց վրայ ու անոնք արձանագրուածներէն էին, վկայութեան խորանը եկած չէին, բայց բանակին մէջ մարգարէութիւն կ’ընէին։ 27 Պատանի մը վազեց ու պատմեց Մովսէսին եւ ըսաւ. «Ելդադ ու Մովդադ մարգարէութիւն կ’ընեն բանակին մէջ»։ 28 Եւ Նաւէին որդին Յեսու, Մովսէսին ընտրեալ ծառան, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր իմ Մովսէս, արգիլէ՛ զանոնք»։ 29 Եւ Մովսէս ըսաւ անոր. «Ինծի՞ համար կը նախանձիս. երանի՜ թէ Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային եւ Տէրը իր Հոգին անոնց վրայ դնէր»։ 30 Մովսէս բանակը քաշուեցաւ, ինք ու Իսրայէլի ծերերը։

ՏԷՐԸ ԼՈՐԱՄԱՐԳԻՆԵՐ ԿԸ ՂՐԿԷ

31 Եւ Տէրոջմէն հով մը ելաւ ու ծովուն կողմէն լորամարգիներ բերաւ ու բանակին վրայ մէկ օրուան ճամբայ մէկ կողմէն եւ մէկ օրուան ճամբայ միւս կողմէն՝ բանակին բոլորտիքը տարածեց, երկրի երեսէն երկու կանգունի չափ բարձր։ 32 Եւ ժողովուրդը այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը եւ հետեւեալ բոլոր օրը ելլելով՝ լորամարգիները հաւաքեց. ամենէն քիչ հաւաքողը տասը քոռ հաւաքեց եւ իրենց համար բանակին բոլորտիքը չորնալու փռեցին զանոնք։ 33 Եւ երբ դեռ միսը իրենց ակռաներուն վրայ էր, տակաւին չծամուած՝ Տէրոջը բարկութիւնը ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ ու Տէրը խիստ մեծ հարուածով զարկաւ ժողովուրդը։ 34 Եւ այն տեղին անունը Կիբրօթ–Հաթթավա դրուեցաւ, վասն զի հոն թաղեցին ցանկացող ժողովուրդը։ 35 Եւ Կիբրօթ–Հաթթավայէն Ասերովթ չուեց ժողովուրդը ու Ասերովթի մէջ մնացին։

ՄԱՐԻԱՄ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ

12 1 Մարիամ ու Ահարոն Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ անոր առած Եթովպիացի կնոջը համար, քանզի անիկա Եթովպիացի կին առեր էր Ու ըսին. «Միթէ Տէրը միայն Մովսէսի՞ն միջոցով խօսեցաւ։ Չէ՞ որ մեր միջոցով ալ խօսեցաւ»։ Տէրը լսեց։ Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի։ Իսկոյն Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին ու Մարիամին. «Դուք երեքդ ալ վկայութեան խորանը ելէ՛ք»։ Երեքն ալ ելան։ Եւ Տէրը ամպին սիւնովը իջաւ ու խորանին դուռը կեցաւ եւ Ահարոնն ու Մարիամը կանչեց։ Անոնք երկուքն ալ ելան։ Եւ Տէրը ըսաւ անոնց. «Հիմա իմ խօսքս լսեցէ՛ք։ Եթէ ձեզմէ մէկը մարգարէ ըլլայ, ես Տէրս ինքզինքս տեսիլքի մէջ կը ճանչցնեմ անոր, կամ երազի մէջ կը խօսիմ անոր հետ։ Բայց իմ ծառաս Մովսէս այնպէս չէ, որ իմ բոլոր տանս մէջ հաւատարիմ է. Անոր հետ բերնէ բերան, յայտնապէս կը խօսիմ եւ ոչ թէ առակով ու անիկա Տէրոջը կերպարանքը կը տեսնէ. ուստի իմ ծառայիս Մովսէսին դէմ խօսելու ինչո՞ւ չվախցաք»։ Եւ Տէրոջը բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ ու Ինք գնաց։ 10 Եւ ամպը հեռացաւ վկայութեան խորանէն ու ահա Մարիամ ձիւնի պէս բորոտ եղաւ։ Ահարոն Մարիամին նայեցաւ եւ ահա անիկա բորոտ էր։ 11 Եւ Ահարոն ըսաւ Մովսէսին. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, մեզ մի՛ պատժեր մեր ըրած յիմարութեանը համար։ Մեղք գործեցինք։ 12 Մարիամը թող չնմանի այն մեռած տղուն, որ իր մօրը արգանդէն ելած ատենը անոր մարմնին կէսը սպառուած է»։ 13 Մովսէս աղաչեց Տէրոջը՝ ըսելով. «Կը խնդրեմ քեզմէ, ո՛վ Աստուած, բժշկէ՛ զանիկա»։ 14 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Եթէ անոր հայրը միայն անոր երեսը թքնելու ըլլար, եօթը օր պիտի չամչնա՞ր. թող անիկա եօթը օր բանակէն դուրս գոցուած պահուի ու անկէ յետոյ ընդունուի»։ 15 Մարիամ բանակէն դուրս եօթը օր գոցուած մնաց ու ժողովուրդը չչուեց մինչեւ Մարիամին ընդունուիլը։ 16 13։1 Անկէ յետոյ ժողովուրդը Ասերովթէն չուեցին ու Փառանի անապատը իջեւան ըրին։

ԼՐՏԵՍՆԵՐԸ

(Բ. Օր. 1։19-33)

13 1 13։2 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 13։3 «Մարդիկ ղրկէ որ լրտեսեն Քանանի երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։ Անոնք, իրենց հայրերուն սերունդէն, մէկ–մէկ իշխան ըլլալու են»։ 13։4 Մովսէս Տէրոջը հրամանին համեմատ ղրկեց զանոնք Փառանի անապատէն։ Անոնք Իսրայէլի որդիներուն գլխաւորներն էին, 13։5 Որոնց անունները ասոնք են՝ 13։6 Ռուբէնի ցեղէն՝ Զաքուրին որդին Սամուան, Շմաւոնի ցեղէն՝ Քոռիին որդին Սափատը, 13։7 Յուդայի ցեղէն՝ Յեբոնէին որդին Քաղէբը, 13։8 Իսաքարի ցեղէն՝ Յովսէփին որդին Իգաղը, 13։9 Եփրեմի ցեղէն՝ Նաւէին որդին Օսէսը, 13։10 Բենիամինի ցեղէն՝ Ռափուին որդին Փաղտին, 10 13։11 Զաբուղոնի ցեղէն՝ Սուդիին որդին Գեդդիէլը, 11 13։12 Յովսէփի ցեղէն՝ այսինքն Մանասէի ցեղէն՝ Սուսիի որդին Գադդին, 12 13։13 Դանի ցեղէն՝ Գամաղիին որդին Ամիէլը, 13 13։14 Ասերի ցեղէն՝ Միքայէլի որդին Սաթուրը 14 13։15 Նեփթաղիմի ցեղէն՝ Վափսիին որդին Նաբին, 15 13։16 Գադի ցեղէն՝ Մաքքիին որդին Գուէլը։

16 13։17 Ասոնք են այն մարդոց անունները, որոնք Մովսէս ղրկեց երկիրը լրտեսելու։ Մովսէս Նաւէին որդիին Օսէսին անունը Յեսու դրաւ 17 13։18 Եւ ղրկեց զանոնք Քանանի երկիրը լրտեսելու ու ըսաւ անոնց. «Այս հարաւային կողմէն դէպի վեր երթալով, լեռը ելէ՛ք 18 13։19 Եւ այն երկրին ինչպէս ըլլալը ու հոն բնակող ժողովուրդին զօրաւոր կամ տկար, քիչուոր կամ շատուոր ըլլալը տեսէ՛ք 19 13։20 Եւ այն երկիրը, ուր անոնք կը բնակին, ի՛նչպէս է, աղէ՞կ է թէ գէշ եւ ի՛նչպէս են այն քաղաքները, ուր անոնք կը բնակին, վրաններէ՞ բաղկացած են թէ պարսպապատ են։ 20 13։21 Երկի՞րը ինչպէս է, բերրի՞ է թէ անբեր, մէջը ծառեր կա՞ն թէ ոչ։ Ժի՛ր եղէք ու այն երկրին պտուղէն բերէ՛ք»։ Եւ այն օրերը խաղողին հասուննալու ժամանակն էր։ 21 13։22 Անոնք գացին ու այն երկիրը լրտեսեցին Սին անապատէն մինչեւ Րոոբ դէպի Եմաթ։ 22 13։23 Հարաւային կողմէն ելան ու դէպի Քեբրոն եկան, ուր կը բնակէին Ենակի որդիները՝ Աքիման, Սէսի եւ Թոլմի։ (Քեբրոն Եգիպտոսի Տայանիս քաղաքէն եօթը տարի առաջ շինուած էր։) 23 13։24 Եւ մինչեւ Եսքողի ձորը եկան ու անկէ խաղողի ողկոյզ մը կտրեցին ուռովը մէկտեղ եւ երկու հոգի ձողով վերցուցին զանիկա։ Նուռերէն ու թուզերէն ալ տարին։ 24 13։25 Իսրայէլի որդիներուն անկէ կտրած ողկոյզին համար այն տեղին անունը Եսքողի ձոր դրուեցաւ։ 25 13։26 Քառասուն օր յետոյ այն երկիրը լրտեսելէն դարձան 26 13։27 Եւ գալով հասան Մովսէսին ու Ահարոնին եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին, Փառանի անապատը՝ Կադէս եւ բոլոր ժողովուրդին լուր բերին եւ երկրին պտուղը ցուցուցին անոնց։ 27 13։28 Պատմեցին Մովսէսին ու ըսին. «Գացինք այն երկիրը, ուր ղրկեցիր. Իրաւցնէ կաթ ու մեղր կը բղխի հոն։ Ահա անոր պտուղը։ 28 13։29 Բայց այն երկրին մէջ բնակող ժողովուրդը զօրաւոր է եւ քաղաքները պարսպապատ ու խիստ մեծ են. նաեւ հոն Ենակի որդիները տեսանք։ 29 13։30 Ամաղեկացիները այն երկրին հարաւային կողմը կը բնակին ու Քետացիները եւ Յեբուսացիներն ու Ամօրհացիները լեռները կը բնակին եւ Քանանացիները ծովուն քով ու Յորդանանի եզերքը կը բնակին»։ 30 13։31 Եւ Քաղէբ ժողովուրդը Մովսէսին առջեւ լռեցուց ու ըսաւ. «Աղէ՜կ, ելլե՛նք ու ժառանգենք զայն. քանզի մենք անշուշտ կրնանք անոր տիրել»։ 31 13։32 Եւ անոր հետ գացող մարդիկը ըսին. «Մենք այն ժողովուրդին վրայ ելլելու կարող չենք, վասն զի անոնք մեզմէ զօրաւոր են»։ 32 13։33 Եւ իրենց լրտեսած երկրին համար գէշ լուր բերին Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք լրտեսելու համար, իր բնակիչները ուտող երկիր մըն է եւ անոր մէջի ժողովուրդը, որ մենք տեսանք, յաղթահասակ մարդիկ են 33 13։34 Եւ հոն տեսանք հսկաներ, Ենակի որդիները, որ հսկաներ են. այնպէս որ մենք մեր աչքին մարախի պէս երեւցանք եւ այնպէս ալ անոնց աչքին երեւցանք»։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏՐՏՈՒՆՋԸ

14 1 Եւ բոլոր ժողովուրդը ձայնը վերցնելով աղաղակեց ու լացաւ այն գիշերը։ Իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ ու բոլոր ժողովուրդը ըսաւ անոնց. «Երանի՜ թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ մեռած ըլլայինք. կամ երանի՜ թէ այս անապատին մէջ մեռած ըլլայինք։ Ինչո՞ւ համար Տէրը մեզ այս երկիրը բերաւ, որ սրով իյնանք եւ մեր կիներն ու մեր որդիները յափշտակուին։ Աղէկ չ’ը՞լլար որ Եգիպտոս դառնանք»։ Իրարու ըսին. «Մեզի զօրագլուխ մը ընտրենք ու Եգիպտոս դառնանք»։ Մովսէս ու Ահարոն իրենց երեսին վրայ ինկան Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին առջեւ։ Եւ երկիրը լրտեսողներէն Նաւէին որդին Յեսու ու Յեփոնէին որդին Քաղէբ իրենց հանդերձները պատռեցին Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք զանիկա լրտեսելու համար, խիստ լաւ երկիր մըն է Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այն երկիրը տանի եւ զանիկա մեզի տայ, որ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մըն է։ Միայն թէ Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք եւ այն երկրին ժողովուրդէն մի՛ վախնաք, քանզի անոնք մեր կերակուրն են. անոնց ապահովութիւնը գացած է իրենց վրայէն ու Տէրը մեզի հետ է։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք»։ 10 Բայց բոլոր ժողովուրդը ուզեցին քարկոծել զանոնք։ Այն ատեն Տէրոջը փառքը վկայութեան խորանին մէջ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն երեւցաւ։

ՄՈՎՍԷՍ Կ’ԱՂՕԹԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

11 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ եւ մինչեւ ե՞րբ՝ հակառակ բոլոր հրաշքներուս՝ պիտի չհաւատան ինծի։ 12 Ես զանոնք ժանտախտով պիտի զարնեմ ու կորսնցնեմ զանոնք եւ քեզ անոնցմէ աւելի մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ընեմ»։

13 Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Այն ատեն Եգիպտացիները պիտի լսեն. (քանզի դուն քու ուժովդ այս ժողովուրդը անոնց մէջէն հանեցիր.) 14 Եւ անոնք պիտի պատմեն այս երկրին բնակիչներուն. քանզի անոնք լսած են որ դուն, ո՛վ Տէր, այս ժողովուրդին մէջտեղն ես, որ դուն, ո՛վ Տէր, դէմ առ դէմ կը տեսնուիս եւ որ քու ամպդ անոնց վրայ կը կենայ եւ որ ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը կրակի սիւնով կը քալես անոնց առջեւէն։ 15 Հիմա եթէ այս ժողովուրդը մէկ մարդու պէս մեռցնելու ըլլաս, քու համբաւդ լսող ազգերը պիտի ըսեն՝ 16 ‘Տէրը այս ժողովուրդը չկրցաւ տանիլ այն երկիրը, որ անոնց երդումով խոստացած էր, ուստի անապատին մէջ մեռցուց զանոնք’։ 17 Եւ հիմա թող իմ Տէրոջս կարողութիւնը մեծ ըլլայ, ինչպէս խոստացար ըսելով՝ 18 ‘Տէրը երկայնամիտ է եւ առատ՝ ողորմութիւնով, անօրէնութիւնն ու յանցանքը ներող. բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ՝ մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով’։ 19 Կ’աղաչեմ, քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ներէ այս ժողովուրդին անօրէնութիւնը, ինչպէս ներեցիր այս ժողովուրդին Եգիպտոսէն մինչեւ հոս»։ 20 Եւ Տէրը ըսաւ. «Քու խօսքիդ համեմատ ներեցի. 21 Բայց կենդանի են ես, որ բոլոր երկիր Տէրոջը փառքովը պիտի լեցուի. 22 Քանզի բոլոր այն մարդիկը, որոնք Եգիպտոսի մէջ ու անապատին մէջ իմ փառքս ու իմ ըրած հրաշքներս տեսան եւ մինչեւ հիմա զիս տասը անգամ փորձեցին ու իմ խօսքս մտիկ չըրին, 23 Պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն տալու երդում ըրի։ Զիս արհամարհողներէն մէ՛կն ալ պիտի չտեսնէ զայն. 24 Բայց որովհետեւ իմ ծառաս Քաղէբ ուրիշ միտք ունեցաւ ու ինծի բոլոր սրտով հնազանդեցաւ, ես ալ զանիկա իր գացած երկիրը պիտի տանիմ եւ անոր սերունդը պիտի ժառանգէ զայն։ 25 Քանի որ Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները ձորերու մէջ կը նստին, վաղը դարձէ՛ք եւ դէպի անապատը՝ Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցէք»։

ՏԷՐԸ ԿԸ ՊԱՏԺԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՏՐՏՈՒՆՋԻՆ ՀԱՄԱՐ

26 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 27 «Մինչեւ ե՞րբ այս չար ժողովուրդին ինծի դէմ տրտնջելուն համբերեմ. ես լսեցի Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը, որ ինծի դէմ կը տրտնջեն։ 28 Ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ինչպէս դուք իմ ականջներուս խօսեցաք, այնպէս պիտի ընեմ ձեզի. 29 Ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան եւ ձեր բոլոր հաշիւին համեմատ, ձեզմէ բոլոր համրուածները, քսան տարեկանէն վեր եղողները, դուք ամէնքդ, որ ինծի դէմ տրտնջեցիք, 30 Անշուշտ պիտի չմտնէք այն երկիրը՝ որուն մէջ ձեզ բնակեցնելու երդում ըրի, բացի Յեփոնէին որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէին որդիէն՝ Յեսուէն։ 31 Եւ ձեր որդիները, որոնց համար դուք ըսիք թէ պիտի յափշտակուին, զանոնք պիտի տանիմ եւ ձեր չհաւնած երկիրը անոնք պիտի տեսնեն։ 32 Բայց ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան։ 33 Եւ ձեր որդիները անապատին մէջ քառասուն տարի պիտի մոլորին ու ձեր պոռնկութիւնները կրեն, մինչեւ որ ձեր դիակները անապատին մէջ սպառին։ 34 Ինչպէս երկիրը քառասուն օրուան մէջ լրտեսեցիք, այնպէս ալ այն օրերուն թիւին համեմատ՝ ամէն մէկ օրուան տեղ մէկ–մէկ տարի սեպելով՝ քառասուն տարի պիտի կրէք ձեր անօրէնութիւնները, որ գիտնաք թէ ձեզմէ հեռացած եմ։ 35 Ես Տէրս ըսի, Ինծի դէմ հաւաքուած այդ բոլոր չար ժողովուրդին անշուշտ պիտի ընեմ այս բանը. անոնք այս անապատին մէջ պիտի սպառին ու հոն մեռնին։ 36 Եւ այն մարդիկը, որոնք Մովսէս ղրկեց այն երկիրը լրտեսելու, որոնք դարձան ու երկրին վրայով գէշ լուր հանելով բոլոր ժողովուրդը անոր դէմ տրտնջելու գրգռեցին, 37 Այն մարդիկը, որոնք այն երկրին վրայով գէշ լուր հանեցին, հարուածով մեռան Տէրոջը առջեւ։ 38 Բայց Նաւէին որդին Յեսու եւ Յեփոնէին որդին Քաղէբ, որոնք երկիրը լրտեսելու գացող մարդոցմէն էին, ողջ մնացին»։

ԵՐԿԻՐԸ ԳՐԱՒԵԼՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԸ

(Բ. Օր. 1։41-46)

39 Մովսէս այս խօսքերը Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ըսաւ ու ժողովուրդը մեծ սուգ ըրաւ։ 40 Եւ առտուն կանուխ լերանը գլուխը ելան՝ ըսելով. «Ահա մենք պատրաստ ենք եւ Տէրոջը ըսած տեղը պիտի ելլենք. վասն զի մեղք գործեցինք»։ 41 Բայց Մովսէս ըսաւ. «Ինչո՞ւ այդպէս Տէրոջը հրամանէն դուրս կ’ելլէք. այդ բանը պիտի չյաջողի։ 42 Մի՛ ելլէք, (քանզի Տէրը ձեր մէջ չէ,) չըլլայ որ ձեր թշնամիներէն ջարդուիք. 43 Վասն զի Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները հոն ձեր առջեւ են եւ սրով պիտի իյնաք. դուք Տէրոջմէն ետ դառնալնուդ համար՝ Տէրը ձեզի հետ պիտի չըլլայ»։ 44 Բայց անոնք յամառութիւն ընելով՝ լերանը գլուխը ելան. սակայն Տէրոջը ուխտին տապանակն ու Մովսէս բանակատեղիէն չզատուեցան։ 45 Այն ատեն այն լերանը վրայ բնակող Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները իջան եւ զարկին զանոնք ու հալածեցին զանոնք մինչեւ Հօրմա։

ԶՈՀԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

15 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. Երբ մտնէք այն երկիրը, ուր պիտի բնակիք, որ ձեզի պիտի տամ, Տէրոջը անոյշ հոտ նուիրելու համար՝ արջառներէն կամ հօտերէն՝ պատարագ մատուցանեցէք, ողջակէզ կամ ուխտ կատարելու զոհ՝ թէ՛ կամաւոր ընծայի համար եւ թէ՛ ձեր տօներուն մէջ, Այն ատեն զոհը Տէրոջը մատուցանողը հացի ընծայի համար հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը իւղով շաղուած մէկ տասներորդ բարակ ալիւր պէտք է մատուցանէ։ Եւ ողջակէզին կամ զոհին հետ մէկ գառի համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը գինի ըմպելի նուէր պէտք է ընես. Կամ խոյի մը համար՝ հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը իւղով շաղուած երկու տասներորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պէտք է ընես Եւ թափելու նուէրի համար հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը գինի՝ անոյշ հոտի համար Տէրոջը պէտք է մատուցանես։ Եւ երբ ողջակէզի համար կամ ուխտ կատարելու զոհի համար կամ խաղաղութեան զոհի համար զուարակ մը մատուցանես Տէրոջը, Այն ատեն զուարակին հետ կէս հիմէնի իւղով շաղուած երեք տասներորդ բարակ ալիւրէ հացի ընծայ մատուցանէ 10 Եւ ըմպելի նուէրի համար կէս հիմէն գինի մատուցանէ. ասիկա Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։ 11 Ամէն մէկ զուարակի կամ խոյի համար, կամ ոչխարի կամ այծի համար այսպէս պէտք է ըլլայ։ 12 Ձեր պատրաստածին թիւին նայելով՝ անոնց թիւին համեմատ ամէն մէկուն այնպէս պէտք է ընէք։ 13 Երկրին ամէն բնիկը այս բաները այնպէս պէտք է ընէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու համար։ 14 Եւ եթէ ձեր քով պանդխտացած օտարականը, կամ ձեր մէջ բնակողը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու ըլլայ, ձեր ըրածին պէս անիկա ալ նոյնը պէտք է ընէ։ 15 Ո՛վ ժողովուրդ, ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ կանոն պիտի ըլլայ. ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոնով՝ Տէրոջը առջեւ ինչպէս որ էք դուք, այնպէս ալ պէտք է ըլլայ օտարականը։ 16 Ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ օրէնք ու մէկ կարգադրութիւն պէտք է ըլլայ»։

17 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 18 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Երբ այն երկիրը մտնէք, ուր ձեզ պիտի տանիմ 19 Եւ երբ այն երկրին հացէն ուտէք, ողջակէզի ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը. 20 Ձեր առաջին խմորէն շօթ մը իբր ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք. կալի ընծան ինչպէս կ’ընէք, այս ալ այնպէս պիտի մատուցանէք։ 21 Ձեր առաջին խմորէն ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը ձեր սերունդներուն մէջ։

22 Իսկ եթէ սխալիք ու չընէք այս բոլոր պատուէրները՝ որոնք Տէրը ըսաւ Մովսէսին, 23 Նաեւ այն ամէնը, որոնք Տէրը ձեզի պատուիրեց Մովսէսին միջոցով այն օրէն ի վեր՝ երբ Տէրը պատուիրեց ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտեան 24 Եւ եթէ պատահի որ ժողովուրդը սխալմամբ յանցանք մը գործէ, այն ատեն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար՝ զուարակ մը պէտք է մատուցանէ օրէնքին համաձայն, հացի ընծայով ու ըմպելի նուէրով եւ մեղքի պատարագի համար այծերէն մէկ նոխազ։ 25 Քահանան քաւութիւն պիտի ընէ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին համար ու թողութիւն շնորհէ անոնց, վասն զի սխալած էին եւ անոնք իրենց սխալելուն համար իրենց ընծան Տէրոջը պատարագ բերին ու նաեւ իրենց մեղքի պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ. 26 Ուստի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ու անոնց մէջ պանդխտացած բոլոր օտարականներուն թողութիւն պիտի ըլլայ. քանզի բոլոր ժողովուրդը սխալած էր։

27 Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղք գործէ, այն ատեն մեղքի պատարագի համար մէկ տարեկան էգ այծ մը պէտք է բերէ 28 Եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ ակամայ մեղք գործող անձին համար. երբ Տէրոջը առջեւ ակամայ մեղք գործէ, անոր համար քաւութիւն թող ընէ ու անոր թողութիւն ըլլայ։ 29 Ակամայ մեղք գործողը Իսրայէլի որդիներէն բնիկ ըլլայ կամ անոնց մէջ պանդխտացած օտարական, մէկ օրէնք պէտք է ունենաք։

30 Բայց այն անձը որ յանդգնութեամբ բան մը կ’ընէ, երկրի բնիկ ըլլայ եւ կամ օտարական, անիկա Տէրը կը նախատէ. այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի. 31 Տէրոջը խօսքը արհամարհելուն եւ անոր պատուիրանքը զանց ընելուն համար այն անձը անշուշտ պէտք է կորսուի. անոր անօրէնութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ»։

ՇԱԲԱԹԸ ԲԵԿԱՆՈՂ ՄԱՐԴԸ

32 Երբ Իսրայէլի որդիները անապատն էին, մարդ մը գտան որ շաբաթ օրը փայտ կը հաւաքէր։ 33 Անոնք որ փայտ հաւաքելու վրայ գտան զանիկա, Մովսէսին ու Ահարոնին եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ բերին 34 Եւ բանտարկեցին զանիկա, վասն զի որոշ չէին գիտեր թէ ի՞նչ ընելու էին։ 35 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այն մարդը անպատճառ պէտք է մեռցուի. բոլոր ժողովուրդը բանակէն դուրս քարերով թող քարկոծեն զանիկա»։ 36 Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ բանակէն դուրս հանեցին զանիկա եւ քարկոծեցին ու մեռցուցին։

ԾՈՊԵՐՈՒՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

37 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 38 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց, որ իրենց ծոպեր շինեն իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ՝ իրենց սերունդներուն մէջ ու քղանցքին ծոպերուն վրայ կապոյտ ժապաւէն մը դնեն 39 Եւ ասիկա ձեզի ծոպ պիտի ըլլայ, որպէս զի դուք նայիք անոր ու Տէրոջը բոլոր պատուէրները մտքերնիդ բերէք եւ կատարէք ու ձեր սրտերուն եւ ձեր աչքերուն ցանկութիւններուն չհետեւիք, որոնց ետեւէն դուք կը մոլորիք. 40 Այնպէս որ մտքերնիդ բերէք ու կատարէք իմ բոլոր պատուիրանքներս որ սուրբ ըլլաք ձեր Աստուծոյն առջեւ։ 41 Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը»։

ԿՈՐԽԻ, ԴԱԹԱՆԻ ԵՒ ԱԲԻՐՈՆԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

16 1 Ղեւիի որդիին Կահաթին որդիին Իսահառին որդին Կորխ եւ Ռուբէնի որդիներէն Եղիաբին որդիները՝ Դաթան ու Աբիրոն եւ Փաղեթի որդին Օն ելան Եւ Իսրայէլի որդիներէն երկու հարիւր յիսուն հոգի ժողովուրդին ծանօթ գլխաւորներ ու անուանի մարդիկ իրենց հետ առնելով՝ Մովսէսին առջեւ եկան Եւ Մովսէսին ու Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին անոնց. «Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ. վասն զի բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է եւ ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք»։ Երբ Մովսէս աս լսեց, իր երեսին վրայ ինկաւ Ու խօսեցաւ Կորխին եւ անոր բոլոր ընկերներուն՝ ըսելով. «Վաղը Տէրը պիտի ցուցնէ թէ ո՛րն է իրը եւ ո՛րն է սուրբը ու զանիկա իրեն պիտի մօտեցնէ եւ ո՛րը որ ինք ընտրէ, իրեն պիտի մօտեցնէ։ Ուստի, առէք ձեզի բուրվառներ, դո՛ւն, ո՛վ Կորխ եւ քու բոլոր ընկերներդ Եւ վաղը անոնց մէջ կրակ դրէ՛ք ու Տէրոջը առջեւ անոնց վրայ խունկ դրէ՛ք եւ այն մարդը սուրբ պիտի ըլլայ, որ Տէրը կ’ընտրէ։ Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ, ո՛վ Ղեւիի որդիներ»։ Մովսէս ըսաւ Կորխին. «Լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղեւիի որդիներ. Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ ձեզի՝ որ Իսրայէլի Աստուածը ձեզ իրեն մօտեցնելու համար Իսրայէլի ժողովուրդէն զատեց ձեզ, որպէս զի Տէրոջը վկայութեան խորանին պաշտամունքը կատարէք եւ ժողովուրդին առջեւ կայնիք՝ անոնց սպասաւորութիւնը ընելու 10 Եւ քեզ ու քեզի հետ քու բոլոր եղբայրներդ՝ Ղեւիի որդիները՝ իրեն մօտեցուց ու դուք քահանայութի՞ւն ալ կը փնտռէք։ 11 Ուրեմն դուն ու քու բոլոր ընկերներդ Տէրոջը դէմ հաւաքուեցաք եւ Ահարոնը ո՞վ է, որ անոր դէմ դուք տրտունջ կ’ընէք»։ 12 Եւ Մովսէս Եղիաբին որդիները՝ Դաթանն ու Աբիրոնը՝ կանչելու համար մարդ ղրկեց եւ անոնք ըսին. «Չենք գար. 13 Մեզ անապատին մէջ մեռցնելու համար՝ կաթ ու մեղր բղխող երկրէ մը մեզ հանելդ քի՞չ բան է, որ նաեւ մեր վրայ տիրապետել կ’ուզես։ 14 Եւ մեզ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը չտարիր, ո՛չ ալ մեզի արտ ու այգի տուիր իբր ժառանգութիւն։ Միթէ այս մարդոց աչքե՞րը պիտի հանես. մենք չենք գար»։ 15 Մովսէս խիստ բարկացաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Մի՛ նայիր անոնց ընծաներուն. անոնցմէ էշ մըն ալ չառի եւ անոնց մէկո՛ւն չարիք մը չըրի»։ 16 Մովսէս ըսաւ Կորխին. «Վաղը դուն ու քու բոլոր ժողովուրդդ Տէրոջը առջեւ ներկայացէք, դուն եւ անոնք ու Ահարոն։ 17 Ամէնքդ ձեր բուրվառները առէք եւ անոնց մէջ խունկ դրէք։ Ամէն մէկը իր բուրվառը առնելով, (այսինքն երկու հարիւր յիսուն բուրվառները,) դուն ու Ահարոնն ալ ձեր բուրվառները Տէրոջը մօտեցուցէք»։ 18 Ամէն մէկը իր բուրվառը առնելով՝ անոնց մէջ կրակ դրին ու անոնց վրայ խունկ դրին եւ վկայութեան խորանին դուռը կեցան Մովսէսին ու Ահարոնին հետ։ 19 Կորխ անոնց դէմ վկայութեան խորանին դուռը հաւաքեց բոլոր ժողովուրդը։ Տէրոջը փառքը բոլոր ժողովուրդին երեւցաւ։

20 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 21 «Այդ ժողովուրդին մէջէն զատուեցէք, որպէս զի շուտով կորսնցնեմ զանոնք»։ 22 Բայց անոնք երեսնուն վրայ ինկան ու ըսին. «Ո՛վ Աստուած, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, մէկ մարդու մեղանչելովը՝ բոլոր ժողովուրդին վրա՞յ պիտի գայ քու բարկութիւնդ»։

23 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 24 «Խօսէ՛ ժողովուրդին ու ըսէ՛, Կորխի, Դաթանի ու Աբիրոնի բնակարանին բոլորտիքէն հեռացէք»։ 25 Մովսէս ելաւ ու Դաթանին եւ Աբիրոնին գնաց եւ Իսրայէլի ծերերը անոր ետեւէն գացին։ 26 Եւ խօսեցաւ ժողովուրդին՝ ըսելով. «Այդ չար մարդոց վրաններուն քովէն ետ քաշուեցէք ու անոնց ոեւէ մէ՛կ բանին մի՛ դպչիք, որպէս զի անոնց բոլոր մեղքերով չկորսուիք»։ 27 Այսպէս անոնք Կորխին, Դաթանին ու Աբիրոնին բնակարանին բոլորտիքէն հեռացան եւ Դաթան ու Աբիրոն եւ անոնց կիներն ու անոնց որդիները եւ ընտանիքը իրենց վրաններուն դուռը ելան կեցան։ 28 Եւ Մովսէս ըսաւ. «Ասով պիտի գիտնաք թէ Տէրը զիս ղրկած է բոլոր այս գործերը ընելու եւ ոչ թէ ես ինձմէ բան մը ըրի. 29 Եթէ ասոնք ամէն մարդու մեռնելուն պէս մեռնին եւ եթէ ամէն մարդու պատահածը ասոնց ալ պատահի, Տէրը զիս ղրկած չէ։ 30 Բայց եթէ Տէրը հրաշք մը ընէ եւ երկիր իր բերանը բանայ ու զանոնք եւ անոնց բոլոր ունեցածը կլլէ ու անոնք ողջ ողջ դժոխք իջնեն, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ այս մարդիկը Տէրը անարգեցին»։

31 Երբ այս բոլոր խօսքերը լմնցուց, անոնց տակի գետինը պատռտուեցաւ 32 Եւ երկիր իր բերանը բացաւ ու զանոնք եւ անոնց տուները ու Կորխին ունեցած բոլոր մարդիկը եւ բոլոր անոնց ինչքը կլլեց։ 33 Եւ անոնք ու բոլոր անոնց ունեցածները ողջ ողջ դժոխք իջան եւ երկիրը ծածկեց զանոնք ու ժողովուրդին մէջէն կորսուեցան։

ԿՐԱԿԸ ԿԸ ՍՊԱՌԷ

34 Անոնց բոլորտիքը գտնուող բոլոր Իսրայէլը անոնց ձայնէն փախան. քանզի ըսին. «Չըլլայ թէ երկիրը մեզ ալ կլլէ»։ 35 Եւ Տէրոջմէ կրակ ելաւ ու խունկ մատուցանող երկու հարիւր յիսուն հոգին սպառեց։

36 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 37 «Խօսէ՛ Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին, որ բուրվառները այն բոցերուն մէջէն վերցնէ եւ դուն անոնց մէջ եղած կրակը անդին ցրուէ՛. քանզի անոնք սուրբ եղան։ 38 Իրենց հոգիներուն դէմ մեղք գործողներուն բուրվառներէն թիթեղէ տախտակներ թող շինուին՝ սեղանը պատելու համար. վասն զի անոնք Տէրոջը առջեւ մատուցուելով՝ սուրբ եղած են։ Իսրայէլի որդիներուն նշան թող ըլլան»։ 39 Ու Եղիազար քահանան այն այրուած մարդոց մատուցանած պղնձէ բուրվառները առաւ եւ անոնցմէ սեղանը պատելու համար թիթեղէ տախտակներ շինեց. 40 (Իսրայէլի որդիներուն յիշատակ ըլլալու համար, որպէս զի Ահարոնի սերունդէն չեղող օտար մէկը Տէրոջը առջեւ խունկ մատուցանել չհամարձակի եւ Կորխի պէս ու անոր ընկերներուն պէս չըլլայ.) ինչպէս Տէրը ըսաւ անոր՝ Մովսէսին միջոցով։

ԱՀԱՐՈՆ ԿԸ ՓՐԿԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

41 Հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Մովսէսին դէմ ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին՝ ըսելով. «Դուք Տէրոջը ժողովուրդը մեռցուցիք»։ 42 Եւ երբ ժողովուրդը Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ հաւաքուած էին, դէպի խորանը նայեցան եւ ահա ամպը ծածկեց զայն ու Տէրոջը փառքը երեւցաւ։ 43 Մովսէս ու Ահարոն վկայութեան խորանին առջեւ եկան։ 44 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 45 «Այդ ժողովուրդին մէջէն ելէք, որպէս զի շուտով սպառեմ զանոնք»։ Անոնք երեսնուն վրայ ինկան։ 46 Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Բուրվառը ա՛ռ ու մէջը սեղանին վրայէն կրակ դի՛ր եւ վրան խունկ դի՛ր ու շուտով ժողովուրդին գնա՛ ու անոնց համար քաւութիւն ըրէ, վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ ժանտախտը սկսաւ»։ 47 Եւ Ահարոն Մովսէսին ըսածին պէս բուրվառը առաւ ու ժողովուրդին մէջ վազեց։ Արդէն ժանտախտը սկսած էր ժողովուրդին մէջ։ Բուրվառին վրան խունկ դրաւ ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրաւ 48 Եւ մեռելներուն ու ողջերուն մէջտեղ կեցաւ ու ժանտախտը դադրեցաւ։ 49 Եւ ժանտախտէն մեռածները տասնըչորս հազար եօթը հարիւր հոգի էին, Կորխի գործին մէջ մեռածներէն զատ։ 50 Եւ Ահարոն դարձաւ Մովսէսին՝ վկայութեան խորանին դուռը ու ժանտախտը դադրեցաւ։

ԱՀԱՐՈՆԻՆ ԾԱՂԿՈՂ ԳԱՒԱԶԱՆԸ

17 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնցմէ իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ մէկ–մէկ գաւազան, այսինքն իրենց հայրերուն տուներուն բոլոր իշխաններէն տասներկու գաւազան ա՛ռ. ամէն մարդու անունը իր գաւազանին վրայ գրէ՛։ Ահարոնին անունը Ղեւիի գաւազանին վրայ գրէ՛. վասն զի անոնց հայրերուն տանը իշխանին համար մէկ գաւազան պիտի ըլլայ Եւ զանոնք վկայութեան խորանին առջեւ դի՛ր, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ։ Եւ իմ ընտրած մարդուս գաւազանը պիտի ծաղկի ու այն ատեն ինձմէ պիտի դադրեցնեմ Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը՝ որոնք կը տրտնջէին ձեզի դէմ»։

Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց բոլոր իշխանները իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ տասներկու գաւազան տուին իրեն, ամէն մէկ իշխանի համար մէկ գաւազան եւ Ահարոնին գաւազանն ալ անոնց գաւազաններուն մէջ էր։ Գաւազանները Տէրոջը առջեւ դրաւ վկայութեան խորանին մէջ։ Հետեւեալ օրը Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ եւ ահա Ղեւիին տանը կողմէն տրուած Ահարոնին գաւազանը ծաղկեցաւ ու ծլեցաւ եւ ծաղիկ բացաւ ու նուշեր հասցուց։ Եւ Մովսէս բոլոր գաւազանները Տէրոջը առջեւէն դուրս հանեց Իսրայէլի բոլոր որդիներուն առջեւ ու անոնք տեսան եւ ամէն մէկը իր գաւազանը առաւ։ 10 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահարոնին գաւազանը վկայութեան առջեւ ետ դարձուր, որպէս զի ապստամբներուն նշան ըլլալու համար պահուի ու անոնց տրտունջը ինձմէ վերցո՛ւր, որպէս զի չմեռնին»։ 11 Եւ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ։ 12 Եւ Իսրայէլի որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ահա կը մեռնինք, կը կորսուինք. մենք ամէնքս կը կորսուինք. 13 Ամէն ով որ Տէրոջը վկայութեան խորանին մօտենայ՝ կը մեռնի. ամէնքս ալ պիտի մեռնի՞նք»։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

18 1 Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ եւ հօրդ տունը սրբարանին անօրէնութիւնը պիտի կրէք եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ ձեր քահանայութեան անօրէնութիւնը պիտի կրէք։ Եւ քու հօրդ սերունդէն, այսինքն Ղեւիին սերունդէն եղող քու եղբայրներդ մօտեցո՛ւր, որպէս զի քեզի հետ միանան ու քեզի սպասաւորութիւն ընեն, երբ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ վկայութեան խորանին առջեւ ըլլաք։ Եւ քեզ ու բոլոր խորանը պիտի պահեն, բայց սրբարանին անօթներուն ու սեղանին պէտք չէ մօտենան, որպէս զի ո՛չ իրենք մեռնին՝ ո՛չ ալ դուք։ Անոնք ձեզի հետ պիտի միանան ու վկայութեան խորանը պիտի պահեն, խորանին բոլոր ծառայութիւնները պիտի ընեն, բայց ոեւէ օտար մէկը պիտի չմօտենայ ձեզի։ Սրբարանն ու սեղանը պիտի պահէք, որպէս զի ա՛լ Իսրայէլի որդիներուն վրայ բարկութիւն չըլլայ։ Ահա Իսրայէլի որդիներէն ձեր եղբայրները, Ղեւտացիները, առի. անոնք ձեզի տրուած պարգեւ են Տէրոջը համար, որպէս զի վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընեն։ Եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ սեղանին պատկանած բոլոր բաներուն եւ վարագոյրին ներսը եղած բաներուն համար ձեր քահանայութիւնը պիտի պահէք ու պաշտամունքը կատարէք։ Քահանայութիւնը ձեզի իբր պարգեւ տուի եւ ոեւէ մօտեցող օտարական պիտի մեռցուի»։

Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին. «Ես ահա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաներուն եւ ինծի տրուած ընծաներուն պահպանութիւնը քեզի յանձնեցի եւ անոնք օծման իրաւունքի համար քեզի եւ քու որդիներուդ տուի յաւիտենական կանոնով։ Ասոնք քուկդ պիտի ըլլան ամենասուրբ բաներէն, որ չեն այրուիր. անոնց բոլոր հացի ընծաներուն, անոնց բոլոր մեղքի պատարագներուն եւ անոնց բոլոր յանցանքի պատարագներուն ընծաները, որոնք ինծի պիտի մատուցանեն, ամենասուրբ են քեզի ու քու որդիներուդ համար։ 10 Ամենասուրբ տեղին մէջ պէտք է ուտես զայն. ամէն արու կրնայ ուտել զայն. անիկա սուրբ է քեզի։ 11 Այս ալ քուկդ է՝ իրենց պարգեւներուն բարձրացնելու ընծան եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երերցնելու ընծաները. քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու քու աղջիկներուդ տուի զանոնք յաւիտենական կանոնով. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։ 12 Ամենէն աղէկ իւղին եւ ամենէն աղէկ գինիին ու ցորենին բոլոր երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի տուի։ 13 Անոնց երկրին մէջ եղած բոլոր բերքերուն երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը բերեն, քուկդ պիտի ըլլան. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։ 14 Իսրայէլի մէջ ամէն նուիրուած բան քուկդ պիտի ըլլայ։ 15 Ամէն մարմնի արգանդ բացողը, որ Տէրոջը կ’ընծայեն, մարդ ըլլայ թէ անասուն, քուկդ պիտի ըլլայ. միայն թէ մարդուն անդրանիկը անշուշտ պիտի փրկես եւ անմաքուր անասունին անդրանիկն ալ պիտի փրկես։ 16 Ու երբ փրկուող տղաքը մէկ ամսուան ըլլան, սրբարանին սիկղին համեմատ հինգ սիկղ արծաթի գնով պիտի փրկես. սիկղը քսան կերատ է։ 17 Բայց կովուն անդրանիկը եւ ոչխարին անդրանիկը կամ այծին անդրանիկը պէտք չէ փրկես. անոնք սուրբ են. անոնց արիւնը սեղանին վրայ պէտք է սրսկես ու անոնց ճարպը այրես Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու 18 Եւ անոնց միսը քուկդ պիտի ըլլայ, ինչպէս երերցնելու երբուծն ու աջ զիստը քուկդ են։ 19 Սուրբ բաներէն բոլոր բարձրացնելու ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու աղջիկներուդ տուի յաւիտենական կանոնով. անիկա Տէրոջը առջեւ քեզի եւ քեզի հետ քու սերունդիդ աղի ուխտ մըն է յաւիտեան»։ 20 Եւ Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Անոնց երկրին մէջ դուն ժառանգութիւն պիտի չունենաս ու անոնց մէջ բաժին պիտի չունենաս. Իսրայէլի որդիներուն մէջ քու բաժինդ ու ժառանգութիւնդ ես եմ»։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ

21 Եւ ահա Իսրայէլի բոլոր տասանորդը Ղեւիի որդիներուն տուի ժառանգութեան համար իրենց ծառայութեան որպէս հատուցում, վկայութեան խորանին ծառայութեան համար։ 22 Ուստի Իսրայէլի որդիները ա՛լ վկայութեան խորանին թող չմօտենան, որպէս զի մեղք չգործեն ու չմեռնին։ 23 Վկայութեան խորանին ծառայութիւնը Ղեւտացիները պիտի ընեն ու իրենց անօրէնութիւնը իրենք պիտի կրեն. ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, որ անոնք Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան։ 24 Քանզի Իսրայէլի որդիներուն տասանորդը, որոնք Տէրոջը կ’ընծայեն, Ղեւտացիներուն տուի իբր ժառանգութիւն. այս պատճառով անոնց համար ըսի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան»։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏԱՍԱՆՈՐԴԸ

25 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 26 «Այսպէս խօսիր Ղեւտացիներուն ու ըսէ՛ անոնց. ‘Երբ Իսրայէլի որդիներէն տասանորդ առնէք, որ անոնց կողմանէ ձեզի ժառանգութեան համար տուի, այն ատեն այդ տասանորդին մէկ տասներորդ մասը իբր բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը։ 27 Եւ այս ձեր բարձրացնելու ընծան կալի ցորենի պէս եւ հնձանի բերքի պէս թող սեպուի ձեզի։ 28 Այսպէս Իսրայէլի որդիներէն ձեր առած բոլոր տասանորդներէն դուք ալ բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէք Տէրոջը։ Անոնցմէ Տէրոջը համար ունեցած բարձրացնելու ընծան Ահարոն քահանային պիտի տաք։ 29 Բոլոր ձեզի եղած ընծաներէն իբր Տէրոջը բարձրացնելու ընծայ՝ անոր ամենալաւէն, անոր սուրբ մասէն, պէտք է մատուցանէք’։ 30 Ուստի պիտի ըսես անոնց. ‘Երբ անոր ամենալաւէն մատուցանէք, այն ատեն մնացածը կալի արդիւնքի պէս ու հնձանի արդիւնքի պէս թող մնայ Ղեւտացիներուն։ 31 Եւ ամէն տեղ պիտի ուտէք զայն դուք ու ձեր ընտանիքները. վասն զի վկայութեան խորանին մէջ ձեր ընելու ծառայութեան փոխարէն ձեր վարձքն է այն։ 32 Եւ անկէ ամենալաւը մատուցանելէն ետքը անոր համար մեղք պիտի չկրէք ու Իսրայէլի որդիներուն սուրբ բաները մի՛ պղծէք, որպէս զի չմեռնիք’»։

ԿԱՐՄԻՐ ԵՐԻՆՋԻՆ ՄՈԽԻՐԸ

19 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Այս է օրէնքին որոշումը, որ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի անարատ ու անբիծ կարմիր երինջ մը բերեն, որուն վրայ լուծ դրուած չըլլայ։ Եւ Եղիազար քահանային պէտք է տաք զանիկա, որպէս զի բանակէն դուրս հանէ ու իր առջեւ մորթեն զանիկա։ Եւ Եղիազար քահանան իր մատովը անոր արիւնէն թող առնէ ու դէպի վկայութեան խորանին առջեւի կողմը եօթը անգամ սրսկէ անոր արիւնէն։ Ետքը իր աչքին առջեւ թող այրեն երինջը։ Անոր մորթն ու միսը եւ անոր արիւնը աղբովը մէկտեղ թող այրեն։ Քահանան թող առնէ եղեւին փայտ, զոպայ ու կրկնակի կարմիր եւ երինջը այրող կրակին մէջ նետէ։ Եւ քահանան իր հանդերձներն ու իր մարմինը ջրով թող լուայ ու ետքը բանակը մտնէ եւ քահանան մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ զանիկա այրողը իր հանդերձներն ու իր մարմինը ջրով պէտք է լուայ եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։ Եւ մաքուր մարդ մը երինջին մոխիրը պիտի հաւաքէ ու բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը դնէ եւ Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին համար պիտի պահուի, մեղաց համար մաքրութեան ջուր ըլլալու։ 10 Եւ երինջին մոխիրը հաւաքողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ եւ ասիկա Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց մէջ պանդխտացող օտարականին համար յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։

ԴԻԱԿԻ ՄԸ ՀՊՈՒՄԸ

11 Ով որ մեռած մարդու մը մարմինին դպչի, եօթը օր անմաքուր պէտք է սեպուի։ 12 Անիկա անով զինք մաքրել թող տայ երրորդ օրը, եօթներորդ օրը մաքուր թող սեպուի։ Բայց եթէ երրորդ օրը չմաքրուի, եօթներորդ օրը մաքուր պիտի չսեպուի։ 13 Ով որ մեռած մարդու մարմնին դպչի ու ինքզինք չմաքրէ, Տէրոջը խորանը կը պղծէ եւ այն անձը Իսրայէլէն պէտք է կորսուի. անոր վրայ մաքրութեան ջուրը չսրսկուելուն համար անիկա անմաքուր է. իր անմաքրութիւնը տակաւին իր վրայ է։ 14 Վրանի մէջ մեռնող մարդուն համար օրէնքը այս է. այն վրանին մէջ ամէն մտնող եւ այն վրանէն ամէն եղող եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ 15 Եւ ամէն բաց աման, որ իր վրայ խուփ չունի, անմաքուր պիտի ըլլայ։ 16 Եւ ով որ դպչի դաշտի վրայ սրով սպաննուածի մը, կամ բնական մահով մեռածի մը, կամ մարդու ոսկորի մը եւ կամ գերեզմանի մը, եօթը օր անմաքուր թող ըլլայ։ 17 Եւ անմաքուր եղողին համար՝ այն մեղքի համար՝ այրուած երինջին մոխիրէն առնելով՝ ամանի մը մէջ վրան կենդանի ջուր թող դնեն 18 Եւ մաքուր մարդ մը զոպայ թող առնէ ու զայն ջուրը խոթէ եւ վրանին վրայ ու բոլոր ամաններուն վրայ եւ հոն եղած մարդոց վրայ ու ոսկորի մը կամ սպաննուածի մը կամ մեռածի մը եւ կամ գերեզմանի մը դպչողին վրայ սրսկէ։ 19 Եւ մաքուր մարդը թող սրսկէ անմաքուրին վրայ՝ երրորդ օրը ու եօթներորդ օրը եւ եօթներորդ օրը զանիկա թող մաքրէ։ Անիկա ալ իր հանդերձները թող լուայ ու ջրով լուացուի եւ իրիկունը մաքրուի։ 20 Բայց այն անմաքուր մարդը, որ չի մաքրուիր, ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, վասն զի Տէրոջը սրբարանը պղծեց. անոր վրայ մաքրութեան ջուրը չսրսկուեցաւ, անիկա անմաքուր է։ 21 Յաւիտենական կանոն մը ըլլայ անոնց, որ մաքրութեան ջուրը սրսկողը իր լաթերը լուայ ու մաքրութեան ջուրին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։ 22 Եւ անմաքուր անձը ինչ բանի որ դպչի, այն ալ անմաքուր պիտի ըլլայ ու անոր դպչող մարդը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ»։

ԿԱԴԷՍԷՆ ԴԷՊՔԵՐ

(Ել. 17։1-7)

20 1 Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Սին անապատը եկան առաջին ամսուն ու ժողովուրդը Կադէսի մէջ իջեւան ըրաւ։ Մարիամ հոն մեռաւ ու հոն թաղուեցաւ։

Ժողովուրդին խմելու ջուր չկար, ուստի Մովսէսին եւ Ահարոնին քով հաւաքուեցան։ Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցան ու ըսին. «Երանի՜ թէ մենք ալ մեռնէինք, երբ մեր եղբայրները մեռան Տէրոջը առջեւ։ Ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդը այս անապատը բերիք, որ մենք ու մեր անասունները հոս մեռնինք։ Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, մեզ այս գէշ տեղը բերելո՞ւ համար։ Հոս ո՛չ սերմ ցանելու տեղ է, ո՛չ ալ՝ թզենիներու ու այգիներու եւ նռնենիներու. խմելու ջուր անգամ չկայ»։ Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդին առջեւէն ելլելով վկայութեան խորանին դուռը գացին ու իրենց երեսին վրայ ինկան եւ Տէրոջը փառքը անոնց երեւցաւ։

Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Գաւազանը ա՛ռ ու ժողովուրդը հաւաքէ՛, դուն ու քու եղբայրդ Ահարոն եւ անոնց աչքերուն առջեւ ըսէք ապառաժին ու իր ջուրը պիտի տայ։ Դուն ապառաժէն ջուր պիտի հանես անոնց ու ժողովուրդին եւ անոնց անասուններուն խմցնես»։ Մովսէս առաւ գաւազանը Տէրոջը առջեւէն, ինչպէս իրեն պատուիրեց։ 10 Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդը ապառաժին առջեւ հաւաքեցին եւ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Լսեցէ՛ք հիմա, ո՛վ ապստամբներ, ձեզի այս ապառաժէ՞ն ջուր պէտք է հանենք»։ 11 Եւ Մովսէս իր ձեռքը վերցուց ու գաւազանովը երկու անգամ ապառաժին զարկաւ եւ առատօրէն ջուր ելաւ եւ ժողովուրդն ու անոնց անասունները խմեցին։

12 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Որովհետեւ ինծի չհաւատացիք Իսրայէլի որդիներուն աչքերուն առջեւ զիս փառաւորելու, անոր համար այս ժողովուրդը դուք պիտի չտանիք այն երկիրը, որ անոնց տուի»։ 13 Մերիպայի ջուրը այս է. վասն զի Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ վիճեցան եւ ինք փառաւորուեցաւ անոնց մէջ։

ԵԴՈՎՄԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Կ’ԱՐԳԻԼԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆՑՔԸ

14 Մովսէս Կադէսէն դեսպաններ ղրկեց Եդովմի թագաւորին ու ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ քու եղբայրդ Իսրայէլ, Մեզի պատահած բոլոր նեղութիւնը գիտես. 15 Ի՛նչպէս մեր հայրերը Եգիպտոս իջան եւ բնակեցանք Եգիպտոսի մէջ երկար ատեն եւ Եգիպտացիները չարչարեցին մեզ ու մեր հայրերը։ 16 Եւ երբ մենք Տէրոջը աղաղակեցինք, լսեց մեր ձայնը եւ հրեշտակ մը ղրկեց ու մեզ Եգիպտոսէն հանեց եւ ահա մենք քու սահմանիդ ծայրի Կադէս քաղաքին մէջ ենք. 17 Արտօնէ, որ անցնինք քու երկրէդ. արտերէն ու այգիներէն պիտի չանցնինք եւ հորերէն ջուր պիտի չխմենք. արքունական ճամբայէն պիտի երթանք, աջ կամ ձախ կողմը պիտի չխոտորինք՝ մինչեւ որ քու սահմանէդ անցնինք»։ 18 Բայց Եդովմ ըսաւ անոր. «Իմ երկրէս մի՛ անցնիր, ապա թէ ոչ՝ սրով քու դէմդ կ’ելլեմ»։ 19 Իսրայէլի որդիները ըսին անոր. «Մենք մեծ ճամբայէն կ’անցնինք եւ եթէ մենք՝ ես ու իմ անասուններս քու ջուրէդ խմենք, անոր գինը կը հատուցանեմ։ Առանց ուրիշ բան մը ընելու իմ ոտքերովս կ’անցնիմ»։ 20 Եւ անիկա ըսաւ. «Պիտի չանցնիս»։ Եւ Եդովմ մեծ բազմութիւնով ու հզօր ձեռքով անոնց դէմը ելաւ։ 21 Այսպէս Եդովմ իր սահմանէն Իսրայէլին ճամբայ տալ չուզեց. ուստի Իսրայէլ դարձաւ անկէ։

ԱՀԱՐՈՆԻՆ ՄԱՀԸ

22 Կադէսէն չուեցին ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Հովր լեռը եկան։ 23 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին Հովր լեռը՝ Եդովմի երկրին սահմանին քով՝ ըսելով. 24 «Ահարոն իր ժողովուրդին պիտի խառնուի. քանզի Մերիպայի ջուրին քով իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ընելնուդ համար պիտի չմտնէ այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն տուի։ 25 Ահարոնն ու անոր որդին Եղիազարը ա՛ռ ու Հովր լեռը հանէ զանոնք։ 26 Ահարոնը իր զգեստներէն մերկացո՛ւր ու անոր որդիին Եղիազարին հագցուր զանոնք. վասն զի Ահարոն իր ժողովուրդին պիտի խառնուի ու հոն մեռնի»։ 27 Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Հովր լեռը ելան։ 28 Մովսէս մերկացուց Ահարոնը իր զգեստներէն ու անոր որդիին Եղիազարին հագցուց զանոնք։ Եւ Ահարոն հոն լերանը գլուխը մեռաւ։ Մովսէս ու Եղիազար լեռնէն իջան։ 29 Երբ բոլոր ժողովուրդը տեսան, որ Ահարոն մեռաւ, Իսրայէլի բոլոր տունը Ահարոնին համար երեսուն օր լացին։

ՔԱՆԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

21 1 Հարաւային կողմը բնակող Արադին՝ Քանանացի թագաւորը՝ լսելով որ Իսրայէլ Աթարիմի ճամբայէն կու գայ, Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ եւ անոնցմէ գերիներ առաւ։ Իսրայէլ ուխտ ըրաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Եթէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքս մատնես, անոնց քաղաքները բոլորովին պիտի կորսնցնեմ»։ Տէրը Իսրայէլին ձայնը լսեց ու Քանանացիները անոր ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլ բոլորովին կորսնցուց զանոնք ու անոնց քաղաքները եւ այն տեղին անունը Հօրմա դրաւ։

ՊՂՆՁԷ ՕՁԸ

Եդովմի երկրին բոլորտիքէն անցնելով Հովր լեռնէն Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցին ու ճամբուն մէջ ժողովուրդին սիրտը նեղացաւ։ Ժողովուրդը Աստուծոյ դէմ ու Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, որ անապատին մէջ մեռնինք, քանզի հաց չկայ, ջուր չկայ եւ այս չնչին հացէն մեր սիրտը զզուեր է»։ Ուստի Տէրը ժողովուրդին վրայ կիզող օձեր ղրկեց, որոնք խածին ժողովուրդը, այնպէս որ Իսրայէլէն շատ ժողովուրդ մեռաւ։ Ժողովուրդը Մովսէսին եկան ու ըսին. «Տէրոջը դէմ ու քեզի դէմ խօսելով մեղանչեցինք. աղօթք ըրէ՛ Տէրոջը, որ մեր վրայէն օձերը վերցնէ»։ Մովսէս ժողովուրդին համար աղաչեց։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի կիզող օձ մը շինէ ու զանիկա ձողի մը վրայ դիր։ Ով որ օձէն խածուի, անոր թող նայի ու ապրի»։ Եւ Մովսէս պղնձէ օձ մը շինեց ու զանիկա ձողի մը վրայ դրաւ։ Երբ օձ մը մարդ մը խածնէր ու մարդը պղնձէ օձին նայէր, անմիջապէս կ’առողջանար։

ՀՕՐ ԼԵՌՆԷՆ ԴԷՊԻ ՄՈՎԱԲԻ ՀՈՎԻՏԸ

10 Եւ Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Ոբովթի մէջ իջեւան ըրին։ 11 Ոբովթէն չուեցին ու Իյէ–Աբարիմի մէջ դէպի արեւելեան կողմը, Մովաբի մօտակայ անապատին մէջ իջեւան ըրին։ 12 Անկէ ալ չուեցին եւ Զարեդ ձորին մէջ իջեւան ըրին։ 13 Անկէ չուեցին ու իջեւան ըրին Առնոնի միւս կողմը այն անապատին մէջ, որ Ամօրհացիներուն սահմանէն կը տարածուի, վասն զի Առնոն Մովաբացիներուն սահմանն է, Մովաբացիներուն ու Ամօրհացիներուն մէջտեղ։ 14 Անոր համար Տէրոջը պատերազմներուն գրքին մէջ կ’ըսուի.

«Սուֆայի մէջ Վահէպը,

Ու Առնոնի հովիտները,

15 Որ կը տարածուի մինչեւ Արի աւազանը,

Ու կը հասնի Մովաբի սահմանը»։

16 Եւ անկէ շարունակեցին մինչեւ Ջրհորը։ Ասիկա այն ջրհորն է, որուն համար Տէրը ըսեր էր Մովսէսին. «Ժողովուրդը հաւաքէ ու ես անոնց ջուր պիտի տամ»։ 17 Այն ատեն Իսրայէլ այս երգը երգեց.

«Ո՛վ հոր, բղխէ՛։ Երգեցէ՛ք անոր.

18 Հորը, որ իշխանները փորեցին

Որ ժողովուրդին ազնուականները փորեցին՝

Իրենց գաւազաններովը փորեցին»։

19 Եւ անապատէն դէպի Մաթանա գացին ու Մաթանայէն դէպի Նաալիէլ ու Նաալիէլէն դէպի Բամօթ 20 Եւ Բամօթէն Մովաբի դաշտին մէջ դէպի Եսիմոն նայող Փասգայի գագաթը եղած հովիտը չուեցին։

ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՍԵՀՈՆ ԵՒ ՈՎԳ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

21 Եւ Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին՝ ըսելով. 22 «Թողուր որ երկրէդ անցնինք. արտի կամ այգիի մէջ չենք մտներ, հորի ջուրէ չենք խմեր. մինչեւ որ քու սահմանէդ անցնինք՝ արքունական ճամբայէն կ’երթանք»։ 23 Բայց Սեհոն իր սահմանէն ճամբայ չտուաւ Իսրայէլին, հապա Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց եւ դէպի անապատը Իսրայէլին դէմը ելաւ ու Յասսա եկաւ եւ Իսրայէլին հետ պատերազմեցաւ։ 24 Իսրայէլ սուրի բերնէ անցուց զանիկա ու տիրեց անոր երկրին, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ, մինչեւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը, վասն զի Ամմոնի որդիներուն սահմանը ամուր էր։ 25 Իսրայէլ բոլոր այս քաղաքները առաւ ու Իսրայէլ Ամօրհացիներուն բոլոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ, Եսեբոնի մէջ ու անոր բոլոր գիւղերուն մէջ. 26 Քանզի Եսեբոն Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորին քաղաքն էր. վասն զի անիկա Մովաբի նախկին թագաւորին հետ պատերազմելով, անոր ձեռքէն անոր բոլոր երկիրը մինչեւ Առնոն՝ առած էր։ 27 Անոր համար առակագիրները կ’ըսեն.

«Եսեբոն եկէ՛ք.

Թող Սեհոնի քաղաքը շինուի ու պատրաստուի,

28 Վասն զի Եսեբոնէն կրակ ելաւ

Ու Սեհոնի քաղաքէն՝ բոց.

Մովաբի Արը այրեց

Ու Առնոնի բարձր տեղերուն՝ տէրերը։

29 Վա՜յ քեզ, Մովաբ,

Ո՜վ Քամովսի ժողովուրդ, կորսուեցա՛ր.

Իր փախած որդիներն ու աղջիկները

Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին գերութեան տուաւ.

30 Զանոնք նետերով զարկինք.

Եսեբոն կորսուեցաւ մինչեւ Դեբոն

Եւ կորսնցուցինք զանոնք

Մինչեւ Մեդաբայի քով եղած Նօփա»։

31 Այսպէս Իսրայէլ Ամօրհացիներուն երկիրը բնակեցաւ։ 32 Եւ Մովսէս մարդ ղրկեց Յազերը լրտեսելու ու անոր գիւղերը առին եւ հոն եղած Ամօրհացիները վռնտեցին։

33 Եւ դարձան ու Բասանի ճամբան ելան եւ Բասանի Ովգ թագաւորը՝ ինք ու իր բոլոր ժողովուրդը անոնց դէմ Եդրայիի մէջ՝ պատերազմի ելան։ 34 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Անկէ մի՛ վախնար. քանզի քու ձեռքդ մատնեցի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը եւ անոր երկիրը եւ դուն Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ՛ անոր»։ 35 Այսպէս զարկին զանիկա եւ անոր որդիները ու անոր բոլոր ժողովուրդը, այնպէս որ մէ՛կն ալ չմնաց եւ անոր երկրին տիրեցին։

ՄՈՎԱԲԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԴԵՍՊԱՆ ԿԸ ՂՐԿԷ

22 1 Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Մովաբի դաշտերուն մէջ Յորդանանի անդիի կողմը՝ Երիքովի դէմ՝ իջեւանեցան։

Սեպփօրի որդին Բաղակ տեսաւ այն բոլորը, ինչ որ Իսրայէլ ըրաւ Ամօրհացիներուն։ Մովաբ խիստ վախցաւ ժողովուրդէն, վասն զի շատուոր էին ու Մովաբ Իսրայէլի որդիներուն երեսէն տագնապի մէջ էր։ Եւ Մովաբ Մադիամի ծերերուն ըսաւ. «Հիմա այս ժողովուրդը պիտի լափեն մեր բոլորտիքը եղած ամէն բան՝ ինչպէս արջառը՝ դաշտին խոտը կը լափէ»։ Եւ Սեպփօրի որդին Բաղակ՝ Մովաբի թագաւորը՝ Բէովրի որդիին Բաղաամին դեսպաններ ղրկեց Փաթուր քաղաքը, (որուն ժողովուրդին որդիներուն երկիրը, Գետին եզերքն էր,) զանիկա կանչելու եւ ըսելու. «Ահա Եգիպտոսէն ժողովուրդ մը ելաւ ու երկրին երեսը ծածկեց եւ իմ դէմս կը նստի, Ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, ինծի համար անիծէ՛ այս ժողովուրդը. քանզի անիկա ինձմէ զօրաւոր է, թերեւս կարող ըլլամ զանիկա զարնել ու երկրէս վռնտել. վասն զի գիտեմ թէ քու օրհնածդ օրհնեալ է եւ քու անիծածդ՝ անիծեալ»։

Մովաբի ծերերը ու Մադիամի ծերերը իրենց ձեռքերուն մէջ հմայութեան վարձքերով գացին Բաղաամին ու Բաղակին խօսքերը ըսին անոր։ Եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Այս գիշեր հոս մնացէք եւ Տէրը ինչ որ ինծի խօսելու ըլլայ, անոր համեմատ պատասխան տամ ձեզի»։ Մովաբի իշխանները Բաղաամին քով մնացին։ Աստուած Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ. «Որո՞նք են այդ քու քովդ եղած մարդիկը»։ 10 Բաղաամ ըսաւ Աստուծոյ. «Մովաբի թագաւորը Սեպփօրեան Բաղակը ասոնք ինծի ղրկեց՝ ըսելով. 11 ‘Ահա Եգիպտոսէն ելլող ժողովուրդը երկրին երեսը ծածկեց. հիմա եկո՛ւր, անիծէ՛ զանիկա ինծի համար, որ թերեւս կարող ըլլամ անոր յաղթել ու զանիկա վռնտել’»։ 12 Աստուած ըսաւ Բաղաամին. «Ատոնց հետ մի՛ երթար, ժողովուրդը մի՛ անիծեր. վասն զի անիկա օրհնեալ է»։ 13 Բաղաամ առտուն ելաւ ու ըսաւ Բաղակին իշխաններուն. «Դուք ձեր երկիրը գացէք. վասն զի Տէրը չի թողուր որ ձեզի հետ երթամ»։ 14 Մովաբի իշխանները ելան ու Բաղակին եկան եւ ըսին. «Բաղաամ մեզի հետ գալ չուզեց»։

15 Բաղակ դարձեալ անոնցմէ աւելի շատ ու աւելի պատուաւոր իշխաններ ղրկեց։ 16 Ասոնք Բաղաամին եկան եւ ըսին. «Սեպփօրի որդին Բաղակ այսպէս կ’ըսէ. ‘կ’աղաչեմ, ինծի գալէ մի՛ հրաժարիր. 17 Քանզի քեզի շատ պատիւ պիտի ընեմ եւ ինծի ինչ որ ըսես՝ պիտի ընեմ, ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, անիծէ՛ այս ժողովուրդը ինծի համար’»։ 18 Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Բաղակին ծառաներուն. «Եթէ Բաղակ իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ ինծի, իմ Տէր Աստուծոյս հրամանին հակառակ չեմ կրնար պզտիկ կամ մեծ բան մը ընել։ 19 Արդ, կ’աղաչեմ, այս գիշեր դուք ալ հոս կեցէ՛ք, որպէս զի գիտնամ թէ Տէրը ուրիշ ի՛նչ պիտի ըսէ ինծի»։ 20 Եւ Աստուած գիշերը Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մարդիկը քեզ կանչելու գան, ելի՛ր, անոնց հետ գնա՛. բայց ինչ որ քեզի հրամայեմ, միայն ա՛ն ըրէ»։

ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԷՇԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

21 Բաղաամ առտուն ելաւ ու իր իշուն համետը դրաւ եւ Մովաբի իշխաններուն հետ գնաց։ 22 Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցաւ իբրեւ անոր թշնամի։ Բաղաամ իր իշուն վրայ հեծած էր ու իր երկու ծառաները իրեն հետ էին։ 23 Էշը տեսաւ Տէրոջը հրեշտակը, որ ճամբուն վրայ կեցած էր ու իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր։ Էշը ճամբայէն դարձաւ եւ արտը մտաւ։ Բաղաամ էշը ծեծեց, որպէս զի ճամբան դարձնէ զանիկա։ 24 Եւ Տէրոջը հրեշտակը այգիներուն նեղ ճամբուն մէջ կեցաւ, ուր մէկ կողմէն պատ ու միւս կողմէն պատ կար։ 25 Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, պատին քով սեղմուեցաւ եւ Բաղաամին ոտքը պատին ճնշեց։ Ան ալ նորէն ծեծեց զանիկա։ 26 Տէրոջը հրեշտակը առաջ գնաց ու նեղ տեղ մը կեցաւ, ուր աջ կամ ձախ կողմը դառնալու ճար չկար։ 27 Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, Բաղաամին տակ կեցաւ։ Բաղաամին բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ գաւազանով ծեծեց էշը։ 28 Տէրը իշուն բերանը բացաւ ու անիկա Բաղաամին ըսաւ. «Ի՞նչ ըրի քեզի, որ այսպէս երեք անգամ զիս ծեծեցիր»։ 29 Եւ Բաղաամ ըսաւ իշուն. «Զիս ծաղր ընելուդ համար. երանի՜ թէ ձեռքս սուր մը ըլլար, որպէս զի հիմա քեզ մեռցնէի»։ 30 Էշը ըսաւ Բաղաամին. «Ես այն քու էշդ չե՞մ, որուն վրայ կը հեծնէիր քու մանկութենէդ մինչեւ այսօր. այսպէս ընելու սովորութիւն ունէի՞»։ Բաղաամ ըսաւ. «Ո՛չ»։ 31 Այն ատեն Տէրը բացաւ Բաղաամին աչքերը ու երբ տեսաւ որ Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցած էր եւ իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր, իր երեսին վրայ ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ 32 Եւ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ այսպէս երեք անգամ էշդ ծեծեցիր. ահա ես քեզի ընդդիմանալու ելայ. վասն զի քու ճամբադ ուղիղ չէ իմ առջեւս։ 33 Էշը զիս տեսաւ ու երեք անգամ իմ առջեւէս մէկդի քաշուեցաւ։ Եթէ անիկա իմ առջեւէս մէկդի չքաշուէր, հիմա ես քեզ անշուշտ մեռցուցած պիտի ըլլայի ու զանիկա ողջ թողուցած»։ 34 Բաղաամ ըսաւ Տէրոջը հրեշտակին. «Մեղք գործեցի, առանց գիտնալու թէ ճամբուն վրայ ինծի դէմ կեցեր էիր, ուստի եթէ քեզի անհաճոյ կ’երեւնայ իմ երթալս, ետ դառնամ»։ 35 Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ Բաղաամին. «Գնա՛ այդ մարդոց հետ, բայց այն խօսքը որ քեզի պիտի ըսեմ, միայն այն ըսէ»։ Բաղաամ գնաց Բաղակին իշխաններուն հետ։

ԲԱՂԱԿ ԲԱՂԱԱՄԸ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ

36 Եւ Բաղակ երբ լսեց որ Բաղաամ կու գայ, զանիկա դիմաւորելու ելաւ իր սահմանը եղող Առնոն գետին քովի Մովաբացիներու մէկ քաղաքը, որ սահմանին ծայրն է։ 37 Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Յատկապէս քեզ կանչելու համար չղրկեցի՞. ինչո՞ւ չեկար ինծի. արդեօք քեզի պատիւ ընելու կարողութիւն չունի՞մ» 38 Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ահա ես քեզի եկայ. բայց ես զօրութիւն ունի՞մ բան մը ըսելու։ Աստուած իմ բերանս ինչ խօսք որ դնէ, զայն պիտի խօսիմ»։ 39 Եւ Բաղաամ Բաղակին հետ գնաց ու Կարիաթ–Հուսովթ եկան։ 40 Եւ Բաղակ արջառներ ու ոչխարներ մորթեց ու Բաղաամին եւ անոր հետ եղող իշխաններուն ղրկեց։

41 Առտուն Բաղակ առաւ Բաղաամը ու Բահաղի բարձր տեղերը հանեց զանիկա ու անկէ ժողովուրդին ծայրը ցուցուց։

ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

23 1 Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը զուարակ եւ եօթը խոյ պատրաստէ»։ Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ։ Բաղակ ու Բաղաամ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկ–մէկ զուարակ ու մէկ–մէկ խոյ զոհեցին։ Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Դուն քու ողջակէզիդ քով կեցի՛ր ու ես երթամ, թերեւս Տէրը իմ դէմս ելլէ եւ ինչ որ ինծի ցուցնէ՝ քեզի ըսեմ»։ Ու բարձր տեղ մը ելաւ։ Եւ Աստուած Բաղաամին հանդիպեցաւ ու Բաղաամ ըսաւ անոր. «Եօթը սեղան պատրաստեցի ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկ–մէկ զուարակ ու մէկ–մէկ խոյ զոհեցի»։ Եւ Տէրը Բաղաամին բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Դարձի՛ր Բաղակին եւ այսպէս խօսէ»։ Եւ ան դարձաւ անոր ու ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր, ինք ու Մովաբի բոլոր իշխանները։ Եւ իր առակը սկսաւ ու ըսաւ.

«Մովաբի թագաւորը Բաղակ զիս Արամէն՝

Արեւելեան լեռներէն բերաւ՝ ըսելով.

‘Եկո՛ւր, Յակոբը անիծէ՛,

Եկո՛ւր, Իսրայէլը նզովէ’։

 Աստուծոյ չանիծածը ի՞նչպէս անիծեմ,

Կամ Տէրոջը չնզովածը ի՞նչպէս նզովեմ.

 Վասն զի ապառաժներուն գլխէն կը տեսնեմ զանիկա

Եւ բլուրներէն կը նայիմ անոր.

Ահա այս ժողովուրդը առանձինն պիտի բնակի

Ու ազգերուն հետ պիտի չսեպուի։

10 Յակոբին փոշին ո՞վ կրնայ համրել

Եւ Իսրայէլին քառորդը ո՞վ կրնայ հաշուել։

Թող իմ անձս արդարներուն մահովը մեռնի

Ու իմ վախճանս անոնց վախճանին պէս ըլլայ»։

11 Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Այդ ի՞նչ ըրիր ինծի. ես քեզ բերի իմ թշնամիներս անիծելու եւ ահա ուրիշ բան չըրիր, այլ օրհնեցիր»։ 12 Եւ Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինչ որ Տէրը իմ բերանս դնէ, զայն խօսելու հոգ տանելու չե՞մ»։

ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

13 Եւ Բաղակ նորէն ըսաւ անոր. «Կ’աղաչեմ, ինծի հետ ուրիշ տեղ մը եկուր, որպէս զի անկէ զանոնք տեսնես. անոնց միայն մէկ ծայրը տեսնես եւ անոնց ամէնքը պիտի չտեսնես ու անկէ անիծէ զանոնք ինծի համար»։ 14 Եւ տարաւ զանիկա Սօփիմին արտը, Փասգային գլուխը։ Եօթը սեղան շինեց եւ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկ–մէկ զուարակ ու մէկ–մէկ խոյ զոհեց։ 15 Եւ այն ատեն Բաղաամ մօտեցաւ ու ըսաւ Բաղակին. «Դուն հոս քու ողջակէզիդ քով կեցիր ու ես հոն Տէրը դիմաւորեմ»։ 16 Եւ Տէրը Բաղաամին դէմ ելաւ եւ անոր բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Բաղակին դարձի՛ր ու այսպէս ըսէ՛»։ 17 Երբ եկաւ անոր, ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր. Մովաբի իշխաններն ալ անոր հետ էին եւ Բաղակ ըսաւ անոր. «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։ 18 Եւ անիկա իր առակը սկսաւ ու ըսաւ.

«Ելի՛ր, ո՜վ Բաղակ ու լսէ՛։

Ո՛վ Սեպփօրի որդի, ինծի մտիկ ըրէ՛։

19 Աստուած մարդ չէ, որ սուտ խօսի,

Ո՛չ ալ մարդու որդի, որ զղջայ.

Ինք ըսաւ ու պիտի չընէ՞,

Կամ ինք խօսեցաւ ու պիտի չգործադրէ՞։

20 Ահա օրհնելու հրաման ստացայ։ Ինք օրհնեց

Ու ես չեմ կրնար ջնջել։

21 Յակոբին վրայ անօրէնութիւն չգտաւ,

Ո՛չ ալ Իսրայէլի վրայ անզգամութիւն տեսաւ.

Անոր Տէր Աստուածը իրեն հետ է.

Եւ անոր մէջ թագաւորի ցնծութեան ձայն կայ։

22 Զանոնք Եգիպտոսէն հանողը Աստուած է.

Անիկա միեղջերուի ոյժ ունի։

23 Քանզի Յակոբին դէմ կախարդութիւն չ’ըլլար

Ու Իսրայէլին դէմ՝ դիւթութիւն։

Յակոբին ու Իսրայէլին վրայով՝ ժամանակին

Պիտի ըսուի թէ՝ ‘Աստուած ինչե՜ր ըրաւ’։

24 Ահա այս ժողովուրդը մատակ առիւծի պէս պիտի ելլէ

Ու առիւծի պէս պիտի բարձրանայ

Ու պիտի չպառկի մինչեւ որ որսը չուտէ

Ու սպաննուածներուն արիւնը չխմէ»։

25 Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Ոչ անէծք տուր անոնց, ոչ ալ՝ օրհնութիւն»։ 26 Բաղաամ պատասխան տալով՝ Բաղակին ըսաւ. «Միթէ ես քեզի չըսի՞, ինչ որ Տէրը խօսի, զայն պիտի ընեմ»։

ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

27 Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Եկո՛ւր ուրիշ տեղ մը տանիմ քեզ, թերեւս Աստուած հաճի, որ անկէ անիծես զանոնք»։ 28 Ուստի Բաղակ տարաւ Բաղաամը Փոգովրի գագաթը, որ դէպի Եսիմոն կը նայի։ 29 Ու Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը զուարակ ու եօթը խոյ պատրաստէ»։ 30 Եւ Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկ–մէկ զուարակ ու մէկ–մէկ խոյ զոհեց»։

24 1 Երբ Բաղաամ տեսաւ, որ Տէրը կը հաճի Իսրայէլը օրհնել, ա՛լ միւս անգամներուն պէս հմայքներ փնտռելու չգնաց, այլ իր երեսը դէպի անապատը դարձուց։ Ու Բաղաամ իր աչքերը վերցնելով տեսաւ որ Իսրայէլ իր ցեղերուն կարգովը դաշտին մէջ բանակած է ու Աստուծոյ Հոգին անոր վրայ եկաւ Ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.

«Բէովրի որդիին Բաղաամին պատգամը

Ու աչքը բաց մարդուն պատգամը,

 Աստուծոյ խօսքերը լսող

Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող,

Քնանալու պէս գետինը ինկող

Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։

 Ո՛վ Յակոբ, քու վրաններդ,

Ու ո՛վ Իսրայէլ, քու խորաններդ ի՜նչ գեղեցիկ են.

 Ձորերու պէս տարածուեցան,

Գետերու եզերքի պարտէզներու պէս,

Տէրոջը տնկած հալուէի ծառերուն

Ու ջուրին եզերքը եղող եղեւիններուն պէս են։

 Անոր դոյլերէն ջուր պիտի վազէ

Ու անոր սերմը առատ ջուրերու մէջ պիտի ըլլայ.

Անոր թագաւորը Ագագէ աւելի պիտի բարձրանայ

Ու թագաւորութիւնը աճի։

 Աստուած զանիկա Եգիպտոսէն հանեց։

Միեղջերուի պէս ոյժ ունի.

Իրեն թշնամի եղող ազգերը պիտի ուտէ,

Անոնց ոսկորները պիտի կոտրտէ ու զանոնք իր նետերովը պիտի զարնէ։

 Առիւծի պէս երկարեցաւ ու պառկեցաւ, մատակ առիւծի պէս.

Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։

Քեզ օրհնողները օրհնեալ ըլլան

Ու քեզ անիծողները՝ անիծեալ»։

10 Այն ատեն Բաղակ շատ սրդողեցաւ Բաղաամին ու ձեռքերը իրարու զարկաւ եւ ըսաւ Բաղաամին. «Ես քեզ կանչեցի, որպէս զի իմ թշնամիներս անիծես, բայց ահա այս երեք անգամ է որ, անոնք կ’օրհնես։ 11 Ուստի դուն հիմա քու տեղդ փախիր։ ‘Քեզի շատ պատիւ ընեմ’, ըսի, բայց ահա Տէրը քեզ պատիւէ զրկեց»։ 12 Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ես քու ղրկած դեսպաններուդ ալ չխօսեցա՞յ՝ ըսելով. 13 ‘Եթէ Բաղակ ինծի իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ, ես Տէրոջը հրամանին չեմ կրնար հակառակիլ ու ինքնիրմէս աղէկ կամ գէշ բան մը ընել։ Տէրը ինչ որ ըսէ, զայն պիտի խօսիմ’»։

ԲԱՂԱԱՄԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

14 «Եւ ահա ես հիմա իմ հայրենիքս կ’երթամ։ Եկո՛ւր, քեզի հասկցնեմ թէ այս ժողովուրդը վերջին օրերը ի՞նչ պիտի ընէ քու ժողովուրդիդ»։ 15 Այն ատեն իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.

«Բէովրի որդիին Բաղաամին պատգամը

Ու աչքը բաց մարդուն պատգամը,

16 Աստուծոյ խօսքերը լսող

Եւ Բարձրեալին գիտութիւնը գիտցող

Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող

Եւ քնանալու պէս գետինը ինկող

Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։

17 Զանիկա պիտի տեսնեմ, բայց հիմա չէ.

Զանիկա պիտի զննեմ, բայց մօտերս չէ.

Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի

Ու Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ

Ու Մովաբի իշխանները պիտի զարնէ

Ու Սէթի բոլոր որդիները բնաջինջ պիտի ընէ։

18 Նաեւ Եդովմ պիտի նուաճուի,

Սէիր ալ իր թշնամիներէն պիտի նուաճուի։

Բայց Իսրայէլ քաջութեամբ պիտի շարունակէ։

19 Եւ Յակոբէն ելլողը պիտի իշխէ

Ու քաղաքին մէջ մնացորդը պիտի կորսնցնէ»։

20 Ետքը Ամաղէկին նայեցաւ ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.

«Ամաղէկ ազգերուն գլուխն է,

Բայց վերջը բոլորովին պիտի կորսուի»։

21 Ու Կենեցիին նայեցաւ եւ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.

«Արդարեւ քու նստած տեղդ անառիկ է

Ու քու բոյնդ ապառաժի վրայ դրեր ես։

22 Բայց Կենեցին պիտի աւրուի,

Մինչեւ որ Ասուր քեզի գերի տանի»։

23 Ետքը իր առակը սկսելով՝ ըսաւ.

«Ափսո՜ս, երբ Աստուած այս բաները ընէ, ո՞վ ողջ պիտի մնայ։

24 Բայց Կիտացիներու եզերքներէն նաւեր պիտի գան

Եւ Ասուրը պիտի չարչարեն ու Եբերը չարչարեն

Եւ անոնք ալ բոլորովին պիտի կորսուին»։

25 Յետոյ Բաղաամ ելաւ գնաց ու իր տեղը դարձաւ։ Բաղակ ալ իր ճամբան գնաց։

ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԸ ՍԱՏԻՄԻ ՄԷՋ

25 1 Իսրայէլ Սատիմի մէջ բանակեցաւ, ժողովուրդը Մովաբի աղջիկներուն հետ սկսաւ պոռնկութիւն ընել։ Անոնք ժողովուրդը հրաւիրեցին իրենց աստուածներուն զոհերուն։ Ժողովուրդը զոհերէն ուտելով անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն ըրին։ Իսրայէլ Բելփեգովրի յարեցաւ, ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ։ Եւ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ժողովուրդին բոլոր իշխանները ա՛ռ ու զանոնք Տէրոջը առջեւ արեւին դէմ կախէ՛, որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլէն դառնայ»։ Եւ Մովսէս Իսրայէլի դատաւորներուն ըսաւ. «Ամէն մէկդ մեռցուցէ՛ք ձեր այն մարդիկը, որոնք Բելփեգովրին յարեցան»։ Ահա Իսրայէլի որդիներէն մէկը եկաւ ու իր եղբայրներուն Մադիանացի կին մը բերաւ՝ Մովսէսին աչքին առջեւ ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին առջեւ, երբ անոնք վկայութեան խորանին դրանը քով կու լային։ Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենէհէս այս բանը տեսնելով՝ ժողովուրդին մէջէն ելաւ ու ձեռքը գեղարդ մը առաւ Եւ Իսրայելացի մարդուն ետեւէն սենեակը մտաւ ու երկուքն ալ՝ այսինքն Իսրայելացին եւ կինը՝ փորէն խոցեց։ Այսպէս հարուածը Իսրայէլի որդիներէն դադրեցաւ։ Հարուածէն մեռածները քսանըչորս հազար հոգի էին։

10 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 11 «Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենէհէս իմ բարկութիւնս Իսրայէլի որդիներէն դարձուց, որովհետեւ անիկա ինծի համար նախանձախնդիր եղաւ անոնց մէջ. այդ պատճառով Իսրայէլի որդիները բնաջինջ չըրի։ 12 Ասոր համար ըսէ թէ՝ ‘Ահա ես անոր կու տամ իմ խաղաղութեան ուխտս 13 Եւ անոր ու անկէ ետքը անոր սերունդին յաւիտենական քահանայութեան ուխտ մը ըլլայ, որովհետեւ իր Աստուծոյն համար նախանձախնդիր եղաւ ու Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ըրաւ’»։ 14 Մադիանացի կնոջ հետ զարնուող Իսրայելացի մարդուն անունը Զամբրի էր, որ Սալուին որդին ու Շմաւոնեաններուն մէկ տոհմին իշխանն էր։ 15 Ու զարնուող Մադիանացի կնոջ անունը Քազբի էր, որ Մադիամի մէջ ազգատոհմի իշխան եղող Սուրին աղջիկն էր։

16 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 17 «Մադիանացիները թշնամի սեպեցէք ու զանոնք զարկէք, 18 Քանզի անոնք իրենց ըրած նենգութիւններովը ձեզի թշնամութիւն ըրին Փոգովրի գործին մէջ ու իրենց քրոջ գործին մէջ, այսինքն Մադիանացի իշխանին աղջկան Քազբիին, որ հարուածին օրը զարնուեցաւ Փոգովրին համար»։

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԸ

26 1 Հարուածէն յետոյ Տէրը Մովսէսին եւ Ահարոնին որդիին Եղիազար քահանային խօսեցաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին մարդահամարը ըրէք, անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր եղողներունը, այսինքն Իսրայէլի մէջ բոլոր պատերազմելու կարող եղողները համրելով»։ Ուստի Մովսէսն ու Եղիազար քահանան Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի առջեւ Յորդանանի մօտ անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով. «Քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեցէք», ինչպէս Տէրը Մովսէսին ու Եգիպտոսի երկրէն ելած Իսրայէլի որդիներուն հրամայեց։

Ռուբէն, Իսրայէլի անդրանիկը եւ Ռուբէնին որդիները՝ Ենովքէն Ենովքեաններուն տոհմը, Փաղղուսէն Փաղղուսեաններուն տոհմը, Եսրոնէն Եսրոնեաններուն տոհմը, Քարմիէն Քարմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ Ռուբէնեաններուն տոհմերը ասոնք են ու անոնք քառասունըերեք հազար եօթը հարիւր երեսուն հոգի էին։ Եւ Փաղղուսին որդին Եղիաբն էր։ Ու Եղիաբին որդիները Նամուէլ, Դաթան ու Աբիրոնն էին. այս Դաթանն ու Աբիրոնը ժողովուրդին մէջ երեւելիներ էին ու ասոնք էին, որ Տէրոջը դէմ կեցող Կորխի խումբին հետ՝ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ կեցան 10 Եւ երկիրը իր բերանը բանալով կլլեց զանոնք ու Կորխն ալ, այն խումբին մեռած ատենը, կրակը այն երկու հարիւր յիսուն մարդիկը կերաւ ու անոնք ամենուն օրինակ եղան։ 11 Բայց Կորխին որդիները չմեռան։

12 Շմաւոնին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Նամուէլէն Նամուէլեաններուն տոհմը, Յամինէն Յամինեաններուն տոհմը, Յաքինէն Յաքինեաններուն տոհմը, 13 Զարայէն Զարայեաններուն տոհմը, Սաւուղէն Սաւուղեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 14 Շմաւոնեաններուն տոհմերը քսանըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։

15 Գադին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Սափոնէն Սափոնեաններուն տոհմը, Անգիէն Անգեանցներուն տոհմը, Սունիէն Սունեաններուն տոհմը, 16 Ազենիէն Ազենեաններուն տոհմը, Էրիէն Էրեաններուն տոհմը, 17 Արօդիէն Արօդեաններուն տոհմը, Արելիէն Արելեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 18 Գադին որդիներուն տոհմերը ասոնք են ու անոնք քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։

19 Յուդային որդիները Էրն ու Օնանն էին. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։ 20 Եւ Յուդային որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք էին՝ Սելօմէն Սելօմեաններուն տոհմը, Փարէսէն Փարեսեաններուն տոհմը, Զարայէն Զարայեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 21 Ու Փարէսին որդիները ասոնք էին՝ Եսրոնէն Եսրոնեաններուն տոհմը, Համուլէն Համուլեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 22 Յուդային տոհմերը ասոնք են եւ անոնք եօթանասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։

23 Իսաքարին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Թովղայէն Թովղայեաններուն տոհմը, Փուայէն Փուայեաններուն տոհմը, 24 Յասուբէն Յասուբեաններուն տոհմը, Սամրօնէն Սամրօնեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 25 Իսաքարին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք վաթսունըչորս հազար երեք հարիւր հոգի էին։

26 Զաբուղոնին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Սարեդէն Սարեդեաններուն տոհմը, Ելօնէն Ելօնեաններուն տոհմը, Յաղելէն Յաղելեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 27 Զաբուղոնին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք վաթսուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։

28 Յովսէփին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Մանասէն ու Եփրեմն էին։ 29 Մանասէին որդիները՝ Մաքիրէն Մաքիրեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ու Մաքիր ծնաւ Գաղաադը ու Գաղաադէն Գաղաադեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 30 Գաղաադին որդիները ասոնք են՝ Իեզերէն Իեզերեաններուն տոհմը, Քեղեգէն Քեղեգեաններուն տոհմը 31 Ու Ասրիէլէն Ասրիէլեաններուն տոհմը ու Սիւքէմէն Սիւքէմեաններուն տոհմը 32 Ու Սեմիդայէն Սեմիդայեաններուն տոհմը ու Ոփերէն Ոփերեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 33 Ու Ոփերին որդին Սալպաադ տղաքներ չունեցաւ, միայն աղջիկներ ունեցաւ։ Սալպաադին աղջիկներուն անունները Մաալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա էին։ 34 Մանասէին տոհմերը ասոնք են ու անոնք յիսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։

35 Եփրեմին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Սուտաղայէն Սուտաղայեաններուն տոհմը, Բոքորէն Բոքորեաններուն տոհմը, Թաանէն Թաանեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 36 Եւ Սուտաղային որդիները ասոնք են՝ Էրանէն Էրանեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 37 Եփրեմին որդիներուն տոհմերը ասոնք են եւ անոնք երեսունըերկու հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Յովսէփին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են։

38 Բենիամինին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Բաղայէն Բաղայեաններուն տոհմը, Ասբէլէն Ասբէլեաններուն տոհմը, Աքիրամէն Աքիրամեաններուն տոհմը, 39 Սուփամէն Սուփամեաններուն տոհմը, Ոփիմէն Ոփիմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 40 Ու Բաղային որդիները Արեդն ու Նէեմանն էին. Արեդէն Արեդեաններուն տոհմը, Նէեմանէն Նէեմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 41 Բենիամինին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են ու անոնք քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր հոգի էին։

42 Դանին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Սուհամէն Սուհամեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ. Դանին տոհմերը իրենց տոհմերովը ասոնք են։ 43 Սուհամեաններուն բոլոր տոհմերը վաթսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։

44 Ասերին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Յեմնայէն Յեմնայեաններուն տոհմը, Յեսուիէն Յեսուիեաններուն տոհմը, Բարիայէն Բարիայեաններուն տոհմը։ 45 Բարիային որդիներէն Քաբերէն Քաբերեաններուն տոհմը, Մեղքիէլէն Մեղքիէլեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 46 Ու Ասերին աղջկան անունը Սարա էր։ 47 Ասերին որդիներուն տոհմերը ասոնք են եւ անոնք յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։

48 Նեփթաղիմին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Յասիէլէն Յասիէլեաններուն տոհմը, 49 Գունիէն Գունեաններուն տոհմը, Յասերէն Յասերեաններուն տոհմը, Սիլլեմէն Սիլլեմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 50 Նեփթաղիմին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք քառասունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։

51 Իսրայէլի որդիներուն գումարը, վեց հարիւր մէկ հազար եօթը հարիւր երեսուն էր։

52 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 53 «Այն երկիրը ժառանգութեան համար իրենց անուններուն թիւին համեմատ ասոնց պիտի բաժնուի։ 54 Շատ եղողին՝ ժառանգութիւնը շատ պէտք է տաս ու քիչ եղողին՝ ժառանգութիւնը քիչ պէտք է տաս. ամէն մէկուն իր համրանքին համեմատ ժառանգութիւն պէտք է տրուի։ 55 Բայց երկիրը վիճակով պէտք է բաժնուի ու իրենց նահապետներու ցեղերուն անուններուն համեմատ պէտք է ժառանգեն։ 56 Շատի ու քիչի մէջ ժառանգութիւնը վիճակով պէտք է բաժնուի։

57 Ու Ղեւտացիներուն համրուածները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Գերսոնէն Գերսոնեաններուն տոհմը, Կահաթէն Կահաթեաններուն տոհմը, Մերարիէն Մերարեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ։ 58 Ղեւտացիներուն տոհմերը ասոնք են՝ Ղոբենեաններուն տոհմը, Քեբրոնեաններուն տոհմը, Մոողեաններուն տոհմը, Մուսեաններուն տոհմը ու Կորխեաններուն տոհմը։ 59 Եւ Կահաթ ծնաւ Ամրամը։ Ու Ամրամին կնոջ անունը Յոքաբեդ էր, Ղեւիին աղջիկը, որուն մայրը զանիկա Եգիպտոսի մէջ ծնաւ Ղեւիին։ Անիկա Ամրամին ծնաւ Ահարոնն ու Մովսէսը եւ անոնց քոյրը Մարիամը։ 60 Եւ Ահարոնին՝ Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար ծնան։ 61 Բայց Նադաբ ու Աբիուդ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան։ 62 Արդ, ասոնց թիւը, այսինքն մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, քսանըերեք հազար հոգի էին. քանզի անոնք Իսրայէլի որդիներուն հետ չհամրուեցան, քանի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն պիտի չտրուէր։

63 Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ, Իսրայէլի որդիները հաշիւի անցընող Մովսէսին ու Եղիազար քահանային համրածները ասոնք են։ 64 Ասոնց մէջ բնաւ մարդ մը չկար Իսրայէլի որդիներուն նախապէս համրուածներէն, որոնք Մովսէս ու Ահարոն քահանան Սինայի անապատին մէջ համրեցին։ 65 Քանզի Տէրը անոնց համար ըսեր էր թէ՝ «Անշուշտ անապատին մէջ պիտի մեռնին». ուստի անոնցմէ մարդ մը չմնաց, բացի Յեբոնեան Քաղէբէն ու Նաւեան Յեսուէն։

ՍԱԼՊԱԱԴԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ

27 1 Յովսէփին որդիին Մանասէին տոհմերէն՝ Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադի որդիին Ոփերին որդիին Սալպաադին աղջիկները մօտեցան Մովսէսին։ Այս աղջիկներուն անուններն են՝ Մալաա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։ Ասոնք Մովսէսին եւ Եղիազար քահանային ու իշխաններուն եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնեցան վկայութեան խորանին դուռը ու ըսին. «Մեր հայրը անապատին մէջ մեռաւ ու անիկա Տէրոջը դէմ հաւաքուածներուն խումբին մէջ, Կորխի խումբին մէջ չէր, բայց անիկա իր մեղքովը մեռաւ ու տղայ չունէր։ Ինչո՞ւ համար մեր հօրը անունը իր տոհմին մէջէն վերնայ տղայ չունենալուն համար. մեզի ժառանգութիւն տուէք մեր հօրը եղբայրներուն մէջ»։ Ու Մովսէս անոնց դատը Տէրոջը առջեւ դրաւ։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Սալպաադին աղջիկները շիտակ խօսեցան. անպատճառ անոնց ժառանգութեան բաժինը պէտք է տաս իրենց հօրը եղբայրներուն մէջ ու անոնց հօրը ժառանգութիւնը իրենց վրայ պէտք է դարձնես Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսիս ու ըսես. ‘Եթէ մարդ մը մեռնի ու տղայ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջկան վրայ պէտք է դարձնէք. Բայց եթէ անիկա աղջիկ ալ չունենայ, այն ատեն անոր ժառանգութիւնը իր եղբայրներուն պէտք է տաք 10 Եւ եթէ եղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր հօրեղբայրներուն պէտք է տաք 11 Ու եթէ հօրեղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր տոհմին մէջ իր ամենէն մօտ ազգականին պէտք է տաք ու ան ըլլայ անոր ժառանգորդը։ Ասիկա Իսրայէլի որդիներուն դատաստանի օրէնք պէտք է ըլլայ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց’»։

ՅԵՍՈՒ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻ ՈՐՊԷՍ ՄՈՎՍԷՍԻ ՅԱՋՈՐԴ

(Բ. Օր. 31։1-8)

12 Յետոյ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Այդ Աբարիմին լեռը ելի՛ր ու տե՛ս այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ 13 Եւ զայն տեսնելէ յետոյ, դուն ալ քու ժողովուրդիդ պիտի խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն խառնուեցաւ. 14 Որովհետեւ դուք իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ըրիք Սին անապատին մէջ՝ ժողովուրդին հակառակութիւն ըրած ատենը անոնց առջեւ զիս չփառաւորեցիք այն ջուրին քով»։ (Այս է Կադէսի Մերիպայի ջուրը Սին անապատին մէջ։)

15 Եւ Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը ու ըսաւ. 16 «Տէրը, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, այս ժողովուրդին վրայ մարդ մը թող որոշէ, 17 Որպէս զի անիկա անոնց առջեւէն ելլէ ու մտնէ ու զանոնք հանէ ու մտցնէ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը անհովիւ ոչխարներու պէս չըլլայ»։

18 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի Նաւէին որդին Յեսուն, որուն վրայ Հոգի կայ ու անոր վրայ ձեռքդ դի՛ր 19 Եւ զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուր եւ անոնց աչքին առջեւ անոր պատուէր տուր 20 Ու քու փառքէդ անոր վրայ դիր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը անոր հնազանդի։ 21 Անիկա Եղիազար քահանային առջեւ պիտի կենայ ու Տէրոջը առջեւ Ուրիմին կանոնովը անոր պիտի հարցնէ, անոր խօսքովը պիտի ելլեն ու անոր խօսքովը պիտի մտնեն, ինք եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլի որդիները ու բոլոր ժողովուրդը»։ 22 Մովսէս ըրաւ ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր, առաւ Յեսուն ու զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուց։ 23 Իր ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ անոր պատուէր տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։

ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ԸՆԾԱՆԵՐԸ

(Ել. 29։38-46)

28 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. ‘Իմ անուշահոտ պատարագներուս ընծայուած հացը՝ որոշուած ատեն ինծի մատուցանեցէք’։ Ու անոնց ըսէ՛. ‘Ասոնք են այն պատարագները, որոնք Տէրոջը պիտի մատուցանէք՝ օրը երկու հատ մէկ տարեկան անարատ գառ մշտնջենաւոր ողջակէզի համար։ Մէկ գառը առտուն պէտք է մատուցանէք ու միւս գառը՝ իրիկունը։ Արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւրով հացի ընծայ պէտք է ընէք, որ շաղուած պէտք է ըլլայ հիմէնի մը մէկ քառորդ ծեծուած իւղով։ Ասիկա Սինա լերանը վրայ սահմանուած մշտնջենաւոր ողջակէզ է, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Անոր ըմպելի նուէրը մէկ գառին համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասն ըլլայ, բարկ ըմպելին սուրբ տեղին մէջ ըմպելի նուէր ըրէ Տէրոջը։ Միւս գառը իրիկունը մատուցանէ։ Ու առտուան հացի ընծային ու անոր ըմպելի նուէրին պէս ըրէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։

ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԾԱՆ

Բայց շաբաթ օրը մէկ տարեկան երկու անարատ գառ ու իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայի համար ու անոր ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէք։ 10 Ասիկա մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր ըմպելի նուէրէն զատ ամէն շաբաթ օրուան ողջակէզը ըլլալու է։

ԱՄՍԱԳԼԽՈՒ ԸՆԾԱՆ

11 Ձեր ամսագլուխներուն Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէք երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան անարատ գառ։ 12 Ամէն մէկ զուարակի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ եւ մէկ խոյին համար իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ, 13 Ամէն մէկ գառին համար իւղով շաղուած մէկ–մէկ տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պիտի մատուցանէք, Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ ըլլալու։ 14 Անոնց ըմպելի նուէրները՝ ամէն մէկ զուարակին համար կէս հիմէն ու մէկ խոյին համար հիմէնին մէկ երրորդ մասը եւ ամէն մէկ գառի համար հիմէնին մէկ չորրորդ մասը գինի պիտի ըլլայ։ Ասիկա տարուան բոլոր ամիսներուն համար՝ ամսէ ամիս՝ մատուցուելիք ողջակէզն է։ 15 Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ՝ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազ մը իր ըմպելի նուէրովը մէկտեղ պիտի մատուցուի Տէրոջը։

ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐԱՑ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ

(Ղեւտ. 23։5-14)

16 Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկ է Տէրոջը։ 17 Այն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը տօն է։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտուի։ 18 Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ։ Բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ 19 Տէրոջը պատարագ ու ողջակէզ պիտի մատուցանէք՝ երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ։ Անարատ ըլլալու են։ 20 Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ. ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար երկու տասնորդ պիտի մատուցանէք։ 21 Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ պիտի մատուցանէք։ 22 Ձեզի քաւութիւն ընելու համար մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք։ 23 Ասոնք մշտնջենաւոր ողջակէզ եղող առտուան ողջակէզէն զատ պիտի մատուցանէք։ 24 Այն եօթը օրերուն ամէն մէկ օրը ասոնց պէս Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պէտք է ընէք։ Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ ասիկա ու ասոր ըմպելի նուէրը պիտի մատուցուին։ 25 Եօթներորդ օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ ձեզի, ոեւէ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։

ՀՈՒՆՁՔԻ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ

(Ղեւտ. 23։15-22)

26 Երախայրիներուն օրը, երբ ձեր շաբաթներուն տօնին մէջ Տէրոջը նոր հացի ընծայ մատուցանէք, սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ 27 Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար երկու զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը հատ գառ պիտի մատուցանէք։ 28 Անոնց հացի ընծան՝ ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ, մէկ խոյին համար երկու տասնորդ, 29 Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի մատուցանէք։ 30 Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ պիտի մատուցանէք։ 31 Մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն զատ, ասոնք ալ իրենց ըմպելի նուէրներովը պիտի մատուցանէք։ Բայց անարատ ըլլալու են։

ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ

(Ղեւտ. 23։23-25)

29 1 Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ Փող հնչեցնելու օր պիտի ըլլայ։ Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պէտք է մատուցանէք։ Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակին համար՝ երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար՝ երկու տասնորդ Եւ եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք Ասոնք Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պիտի մատուցանէք։ Ամսագլխու ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ մշտնջենական ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ ասոնց ըմպելի նուէրները մատուցանելէն զատ։

ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ

(Ղեւտ. 23։26-32)

Եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ու ձեր անձերը պիտի խոնարհեցնէք։ Ամենեւին գործ մը պիտի չընէք։ Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պիտի մատուցանէք։ Անոնք անարատ պէտք է ըլլան։ Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակի համար՝ երկու տասնորդ, մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ, 10 Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի ըլլայ։ 11 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, բացի քաւութեան օրը մատուցուած մեղքի պատարագէն ու մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու անոնց ըմպելի նուէրներէն։

ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ ՏՕՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ

(Ղեւտ. 23։33-44)

12 Եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պիտի չընէք։ Եօթը օր Տէրոջը տօն պէտք է պահէք։ 13 Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար տասնըերեք զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ մատուցանեցէք. անոնք անարատ պէտք է ըլլան։ 14 Անոնց հացի ընծան տասնըերեք զուարակներէն ամէն մէկ զուարակի համար երեք տասնորդ ու երկու խոյերէն ամէն մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ 15 Եւ տասնըչորս գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ 16 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն եւ ըմպելի նուէրէն զատ։

17 Երկրորդ օրը տասներկու զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։ 18 Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 19 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։

20 Երրորդ օրը տասնըմէկ զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։ 21 Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 22 Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։

23 Չորրորդ օրը տասը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ պէտք է մատուցանէք։ 24 Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 25 Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենաւոր ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։

26 Հինգերորդ օրը ինը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։ 27 Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 28 Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։

29 Վեցերորդ օրը ութը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք։ 30 Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 31 Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։

32 Եօթներորդ օրը եօթը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պիտի մատուցանէք 33 Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ 34 Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։

35 Ութերորդ օրը տօնախմբութեան օր է, բնաւ ծառայական գործ մը պէտք չէ ընէք։ 36 Եւ Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար, մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը անարատ գառ պէտք է մատուցանէք 37 Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակին, խոյին ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են 38 Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։

39 Ձեր տօներուն մէջ ասոնք պէտք է մատուցանէք Տէրոջը, ձեր ուխտերուն ու ձեր կամաւոր ընծաներուն ողջակէզներէն, հացի ընծաներէն, ըմպելի նուէրներէն ու խաղաղութեան զոհերէն զատ»։

40 Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն իմացուց այն ամէնը, որ Տէրը իրեն պատուիրեր էր։

ՈՒԽՏԵՐՈՒ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

30 1 Մովսէս Իսրայէլի որդիներու ցեղերու իշխաններուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Տէրոջը պատուիրածը այս է. Եթէ մարդ մը Տէրոջը ուխտ ընէ կամ երդում ընելով իր անձը կապելու ըլլայ, իր խօսքը պարապ թող չհանէ, բոլոր իր բերնէն ելածին պէս թող ընէ։

Կամ եթէ կին մը Տէրոջը ուխտ ընէ ու իր մանկութեան ատենը իր հօրը տանը մէջ զինք կապելու ըլլայ Եւ անոր հայրը անոր ուխտն ու խոստումը լսէ եւ անոր հայրը բան մը չըսէ անոր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու անոր բոլոր խոստումներն ալ պիտի հաստատուին։ Բայց եթէ անոր հայրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերն ու խոստումները անվաւեր պիտի ըլլան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ. քանզի անոր հայրը անոր հակառակած էր։

Կամ եթէ ուխտ ըրած կամ իր շրթունքներէն ելած խոստումը անխորհուրդ խօսք մը եղած ըլլալով ամուսնանայ Ու անոր այրը լսէ եւ լսած օրը անոր բան մը չըսէ, այն ատեն անոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու իր խոստումները պիտի հաստատուին։ Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր վրայ եղած ուխտն ու շրթունքներուն անխորհուրդ խօսքը որով խոստացեր էր՝ անվաւեր կը դառնան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։

Բայց որբեւայրիի կամ արձակուածի մը ուխտը ու իր խոստումը հաստատ պիտի մնայ։ 10 Եւ եթէ անիկա իր էրկանը տանը մէջ ուխտ ըրած կամ երդումով խոստացած էր 11 Ու անոր այրը լսելով բան մը ըսած չէր անոր եւ հակառակած չէր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու խոստումները հաստատ պիտի մնան։ 12 Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը զանոնք խափանեց, այն ատեն ուխտ ընելու ու խոստումի համար անոր բերնէն ելած բոլոր խօսքերը անվաւեր պիտի ըլլան, քանզի անոր այրը խափանեց զանոնք եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։ 13 Կնոջ մը ամէն ուխտ ու անձը խոնարհեցնելու համար խոստումի երդում անոր այրը կրնայ հաստատել կամ կրնայ խափանել։ 14 Եւ եթէ անոր այրը օրէ օր անոր բան մը չըսէ, այն ատեն ամէն ուխտերն ու խոստումները հաստատուած կ’ըլլան, քանի որ բան մը ըսած չէր։ 15 Բայց եթէ լսած օրէն ետքը կերպով մը խափանէ զանոնք, այն ատեն ինք պիտի կրէ անոր անօրէնութիւնը»։

16 Էրկան մը եւ անոր կնոջ մէջտեղ եւ հօր մը ու մանկութեան ատեն իր հօրը տունը բնակող աղջկան մէջտեղ պահուելու կանոնները ասոնք են, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՄԱԴԻԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

31 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Մադիանացիներէն Իսրայէլի որդիներուն վրէժը ա՛ռ ու ապա քու ժողովուրդիդ խառնուէ»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ձեզմէ մարդիկ թող պատրաստուին պատերազմի համար ու Մադիամի վրայ երթան, որ Մադիամէն Տէրոջը վրէժը առնեն։ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ամէն մէկէն հազարական մարդ պատերազմի պէտք է ղրկէք»։ Իսրայէլի ամէն մէկ ցեղէն հազարական մարդ ընտրուեցաւ. այսինքն տասներկու հազար հոգի պատերազմի համար պատրաստուեցան։ Մովսէս պատերազմի ղրկեց զանոնք, իւրաքանչիւր ցեղէն հազարական մարդ ու անոնց հետ Եղիազար քահանային որդին Փենէհէսը պատերազմի ղրկեց, որուն ձեռքն էին սուրբ անօթներն ու ազդարարութեան փողերը։ Եւ Մադիանացիներու դէմ պատերազմեցան, ինչպէս Տէրը Մովսէսին հրամայեր էր ու անոնց բոլոր այր մարդիկը մեռցուցին Եւ անոնց սպաննուածներուն հետ Մադիամի թագաւորներն ալ՝ Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը եւ Ռօբէն՝ Մադիամի հինգ թագաւորները սպաննեցին ու Բէովրի որդին Բաղաամը սրով մեռցուցին։ Եւ Իսրայէլի որդիները Մադիանացիներու կիներն ու տղաքները գերի առին ու անոնց բոլոր անասունները եւ հօտերն ու ստացուածքը աւար առին։ 10 Եւ անոնց բնակած բոլոր քաղաքներն ու բոլոր գիւղերը կրակով այրեցին։ 11 Եւ բոլոր աւարն ու բոլոր կողոպուտը առին մարդէ մինչեւ անասուն։ 12 Եւ գերիներն ու կողոպուտը եւ աւարը Մովսէսին, Եղիազար քահանային ու Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին, բանակը բերին, որ Երիքովի դէմ՝ Յորդանանի մօտ՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ էր։

ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ

13 Մովսէս ու Եղիազար քահանան եւ ժողովուրդին բոլոր իշխանները բանակէն դուրս ելան զանոնք դիմաւորելու։ 14 Մովսէս պատերազմէն դարձող զօրքերուն իշխաններուն, հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն սրդողեցաւ 15 Եւ անոնց ըսաւ. «Արդեօք բոլոր կիները ո՞ղջ թողուցիք։ 16 Ահա Բաղաամին խրատովը ատոնք պատճառ եղան, որ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ մեղանչեցին Փոգովրի գործին մէջ եւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ այն հարուածը եկաւ։ 17 Ուստի հիմա տղաքներէն ամէն արու մեռցուցէք ու այն աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած են՝ արուի հետ պառկելով՝ մեռցուցէք։ 18 Եւ կիներէն այն բոլոր մանկահասակ աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած չեն՝ արուի հետ չեն պառկած՝ ձեզի համար ողջ թողուցէք։ 19 Եւ դուք եօթը օր բանակէն դուրսը մնացէ՛ք։ Ով որ մարդ մեռցուցեր է եւ ով որ մեռածի դպեր է երրորդ օրն ու եօթներորդ օրը թող մաքրուի, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր գերիները։ 20 Եւ ամէն հանդերձ ու ամէն մորթէ շինուած աման եւ այծի մազէ շինուած ամէն բան ու ամէն փայտեղէն աման մաքրեցէ՛ք»։

21 Եղիազար քահանան պատերազմի գացող զօրքերուն ըսաւ. «Ասիկա է այս օրէնքը, որ Տէրը Մովսէսին հրամայեց։ 22 Միայն ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, անագն ու կապարը, 23 Ամէն բան, որ կրնայ կրակի դիմանալ կրակէ անցուցէք, որ մաքուր ըլլայ, սակայն կրակի չդիմացող ամէն բան ջուրէ անցուցէք։ 24 Ու եօթներորդ օրը ձեր հանդերձները լուացէք, որ մաքուր ըլլաք ու ետքը բանակին մէջ մտնէք»։

ԱՒԱՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ

25 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 26 «Դուն Եղիազար քահանային ու ժողովուրդին նահապետական իշխաններուն հետ՝ առնուած կողոպուտին գումարը ա՛ռ՝ մարդէ մինչեւ անասուն։ 27 Եւ այն կողոպուտը պատերազմի գացող պատերազմողներուն ու բոլոր ժողովուրդին հաւասարապէս բաժնէ։ 28 Պատերազմողներէն Տէրոջը հասը ա՛ռ՝ հինգ հարիւրէն մէկը՝ թէ՛ մարդոցմէն, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն եւ թէ՛ ոչխարներէն։ 29 Այս հասը անոնց կէս բաժինէն պէտք է առնես ու Եղիազար քահանային տաս իբրեւ Տէրոջը ընծայ։ 30 Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն՝ յիսունէն մէկը՝ ա՛ռ, թէ՛ մարդոցմէ, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն, թէ՛ ոչխարներէն եւ թէ՛ ամէն անասուններէ ու զանոնք Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տո՛ւր»։ 31 Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան Տէրոջը Մովսէսին հրամայածին պէս ըրին։

32 Եւ կողոպուտը, այսինքն պատերազմող զօրքին առած աւարին գումարը այս էր՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ հազար ոչխար, 33 Եօթանասունըերկու հազար արջառ 34 Ու վաթսունըմէկ հազար էշ 35 Եւ մարդոցմէն՝ այր մարդու անկողին չգիտցող աղջիկները երեսունըերկու հազար հոգի էին։

36 Եւ պատերազմի գացողներուն ինկած կէս բաժինը այս էր՝ ոչխարներուն թիւը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր էր 37 Որմէ Տէրոջը հասը՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ եղաւ 38 Եւ արջառները երեսունըվեց հազար ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը եօթանասունըերկու արջառ եղաւ 39 Ու էշերը երեսուն հազար հինգ հարիւր ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու եղաւ։ 40 Եւ մարդիկը տասնըվեց հազար հոգի ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու հոգի եղաւ։ 41 Եւ Մովսէս Տէրոջը նուիրուած հասը Եղիազար քահանային տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր։

42 Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն ալ, որ Մովսէս պատերազմողներէն զատեր էր, Տէրոջը հասը առաւ։ 43 Եւ ժողովուրդին կէս բաժինը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր ոչխար, 44 Երեսունըվեց հազար արջառ, 45 Երեսուն հազար հինգ հարիւր էշ 46 Ու տասնըվեց հազար հոգի էր։ 47 Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն՝ թէ՛ մարդէն, թէ՛ անասունէն՝ յիսունէն մէկը առնելով, Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին հրամայեր էր։

48 Զօրքին վերակացուները, այսինքն հազարապետներն ու հարիւրապետները, Մովսէսին մօտեցան 49 Ու Մովսէսին ըսին. «Քու ծառաներդ մեր ձեռքին տակ եղող պատերազմողներուն գումարը առինք ու մեզմէ մարդ մը պակաս չէ։ 50 Ուստի ամէն մէկս ինչ որ գտանք՝ Տէրոջը ընծայ բերինք՝ ոսկիէ զարդեր, շղթաներ, ապարանջաններ, մատնիներ, օղեր ու մանեակներ, որ Տէրոջը առջեւ մեր հոգիներուն քաւութիւն ընենք»։ 51 Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան անոնցմէ ոսկին առին, ամէնն ալ բանուած զարդեր էին։ 52 Եւ հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն Տէրոջը մատուցուած ընծային բոլոր ոսկին տասնըվեց հազար եօթը հարիւր յիսուն սիկղ էր։ 53 (Պատերազմողներէն իւրաքանչիւրը իրենց համար կողոպուտ առեր էր։) 54 Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն ոսկին առին եւ վկայութեան խորանը բերին, Տէրոջը առջեւ որպէս Իսրայէլի որդիներուն յիշատակը։

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ԳՏՆՈՒՈՂ ՑԵՂԵՐԸ

(Բ. Օր. 3։12-22)

32 1 Գադին որդիները ու Ռուբէնին որդիները խիստ շատ անասուններ ունէին. ուստի տեսնելով որ Յազերի երկիրը Գաղաադի երկիրը անասուն պահելու յարմար տեղ են, Գադի որդիները ու Ռուբէնի որդիները գացին ու Մովսէսին, Եղիազար քահանային եւ ժողովուրդին իշխաններուն հետ խօսելով՝ ըսին. «Ատարովթ, Դեբոն, Յազեր, Նամրա, Եսեբոն, Եղէաղէ, Սեբամա, Նաբաւ ու Բէան՝ Այսինքն Տէրոջը Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւ զարկած երկիրը, անասուն պահելու յարմար երկիր մըն է ու քու ծառաներդ շատ անասուններ ունին. Ուստի, եթէ մենք քու առջեւդ շնորհք գտանք, այս երկիրը քու ծառաներուդ տուր որպէս կալուածք եւ մեզ Յորդանանէն մի՛ անցըներ»։

Եւ Մովսէս Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն ըսաւ. «Ձեր եղբայրները պատերազմի երթան ու դուք այս տեղը նստի՞ք։ Ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն սիրտը պիտի թուլցնէք, որ չանցնին այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուած է։ Ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին, երբ զանոնք Կադէս–Բառնեայէն ղրկեցի երկիրը լրտեսելու համար։ Քանզի անոնք մինչեւ Եսքողի ձորը ելան ու երկիրը տեսան եւ Իսրայէլի որդիներուն սիրտը թուլցուցին, որպէս զի չմտնեն այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուեր էր։ 10 Եւ նոյն օրը Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ. 11 ‘Եգիպտոսէն ելած մարդոցմէ քսան տարեկանէն վեր եղողները, բոլոր սրտով ինծի չհնազանդելնուն համար, բնաւ պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդում ըրի որ տամ, 12 Կենեզեան Յեփոնէի որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէի որդիէն Յեսուէն զատ, որոնք կատարելապէս Տէրոջը հնազանդեցան։ 13 Եւ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուց, մինչեւ որ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընող սերունդը բոլորովին սպառեցաւ։ 14 Ահա դուք ձեր հայրերուն տեղը ելաք՝ մեղաւոր մարդոց զաւակներու պէս՝ որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ նորէն աւելցնէք։ 15 Վասն զի եթէ դուք անկէ խոտորիք, ան ալ նորէն այս ժողովուրդը անապատին մէջ պիտի ձգէ ու դուք այս բոլոր ժողովուրդին կորուստին պատճառ պիտի ըլլաք’»։

16 Անոնք մօտեցան անոր ու ըսին. «Մենք այստեղ միայն կ’ուզենք մեր անասուններուն համար փարախներ ու մեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ շինել, 17 Բայց մենք պատրաստ ենք զէնքերնիս առնել ու Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն երթալ, մինչեւ որ զանոնք իրենց տեղերը տանինք եւ մեր ընտանիքները պարսպապատ քաղաքներու մէջ պիտի բնակին երկրիս բնակիչներուն պատճառով 18 Ու մինչեւ որ Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր ժառանգութիւնը չժառանգէ, մենք մեր տուները պիտի չդառնանք, 19 Քանզի մենք Յորդանանի անդիի կողմը անոնց հետ ժառանգութիւն պիտի չառնենք. վասն զի մեր ժառանգութիւնը Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք ինկած է»։

20 Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ այսպէս ընէք ու Տէրոջը առջեւ պատերազմի համար վրանիդ զէնք առնէք 21 Եւ Տէրոջը առջեւ դուք ամէնքդ ալ զէնքերով Յորդանանէն անցնիք, մինչեւ որ անիկա իր թշնամիները իր առջեւէն վռնտէ, 22 Եւ այն երկիրը Տէրոջմէ նուաճուի, անկէ յետոյ երբ ետ դառնաք, Տէրոջը առջեւ ու Իսրայէլի առջեւ անմեղ կ’ըլլաք. այն ատեն այս երկիրը Տէրոջը առջեւ ձեզի կալուածք պիտի ըլլայ։ 23 Բայց եթէ այսպէս չընէք, ահա Տէրոջը դէմ մեղք գործած պիտի ըլլաք ու գիտցէք թէ ձեր մեղքը ձեզ պիտի գտնէ։ 24 Արդ ձեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ ու ձեր հօտերուն համար փարախներ շինեցէք, բայց ձեր խոստումը կատարեցէք»։

25 Եւ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ծառաներդ մեր տիրոջը պատուիրածին պէս պիտի ընենք։ 26 Մեր զաւակները, մեր կիները, մեր հօտերն ու մեր բոլոր անասունները հոս Գաղաադի քաղաքներուն մէջ թող մնան. 27 Բայց ծառաներդ մեր տիրոջը ըսածին պէս՝ ամէնքս ալ գունդ գունդ պիտի պատրաստուինք ու Տէրոջը առջեւէն անցնինք պատերազմի համար»։

28 Այն ատեն Մովսէս Եղիազար քահանային ու Նաւէին որդիին Յեսուին եւ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետական իշխաններուն այս պատուէրը տուաւ անոնց վրայով 29 Եւ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները Տէրոջը առջեւ ամէնքն ալ պատերազմի համար պատրաստուած՝ ձեզի հետ Յորդանանէն անցնին ու այն երկիրը ձեր առջեւ նուաճուի, այն ատեն Գաղաադի երկիրը անոնց կալուածք պէտք է տաք. 30 Բայց եթէ պատրաստուած ձեզի հետ չանցնին, անոնց կալուածքն ալ Քանանի երկրին մէջ պիտի ըլլայ»։ 31 Իսկ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրը քու ծառաներուդ ի՛նչպէս պատուիրեց՝ այնպէս պիտի ընենք։ 32 Մենք զէնքերնիս առած՝ Տէրոջը առջեւէն Քանանի երկիրը պիտի անցնինք, որպէս զի մեր ժառանգելիք կալուածքը Յորդանանի ասդիի կողմը ըլլայ»։ 33 Ուստի Մովսէս անոնց, այսինքն Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն եւ Յովսէփեան Մանասէին կէս ցեղին, տուաւ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին թագաւորութիւնը ու Բասանի Ովգ թագաւորին թագաւորութիւնը, երկիրը իր քաղաքներովը ու երկրին քաղաքներուն բոլորտիքը եղած սահմաններովը։

34 Գադին որդիները պարսպապատ քաղաքներ շինեցին՝ այսինքն Դեբոնը, Ատարովթն ու Արոէրը 35 Եւ Ատրօթ–Սովփանը, Յազերն ու Յօգբէհան 36 Եւ Բեթնամրան ու Բեթարանը եւ հօտերու փարախներ ալ շինեցին։

37 Ռուբէնին որդիներն ալ Եսեբոնը, Եղէաղէն ու Կարիաթեմը շինեցին 38 Ու Նաբաւը եւ Բէէլմօնը, (որոնց անունները փոխեցին,) ու Սեբաման ու իրենց շինած քաղաքներուն իրենց անունները դրին։

39 Եւ Մանասեան Մաքիրին որդիները Գաղաադ գացին ու առին զանիկա եւ անոր մէջ բնակող Ամօրհացիները վռնտեցին։ 40 Մովսէս Գաղաադը տուաւ Մանասեան Մաքիրին, որ հոն բնակեցաւ։ 41 Ու Մանասեան Յայիր գնաց անոնց գիւղաքաղաքները առաւ ու զանոնք Հաւօթ–Յայիր անուանեց։ 42 Եւ Նոբահ գնաց ու Կանաթը ու անոր գիւղերը առաւ եւ զանիկա իր անունովը Նոբահ կոչեց։

ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ՄՈՎԱԲ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

33 1 Մովսէսին ու Ահարոնին միջոցով Եգիպտոսի երկրէն իրենց զօրքերովը ելլող Իսրայէլի որդիներուն իջեւանները ասոնք են։ Եւ Մովսէս Տէրոջը հրամանովը անոնց իջեւաններուն համեմատ անոնց գնացքները գրեց ու անոնց գնացքներուն համեմատ անոնց իջեւանները ասոնք են։ Առաջին ամսուան մէջ, այսինքն առաջին ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Ռամսէսէն չուեցին. զատկին հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիները յաղթականօրէն ելան բոլոր Եգիպտացիներուն աչքին առջեւ, Երբ Եգիպտացիները իրենց մեռելները կը թաղէին, քանզի Տէրը անոնց բոլոր անդրանիկները ջարդեց եւ Տէրը անոնց աստուածներուն վրայ դատաստան ըրաւ։

Եւ Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէն չուելով՝ Սոկքովթ իջեւան ըրին։ Ու Սոկքովթէն չուելով՝ անապատին ծայրը եղած Ոթոմը իջեւան ըրին։ Եւ Ոթոմէն չուելով դէպի Փիաիրօթ դարձան, որ Բէեղսեփոնին դէմն է ու Մագդողին առջեւ իջեւան ըրին։ Եւ Փիաիրօթի առջեւէն չուելով ու ծովուն մէջէն անցնելով՝ անապատը եկան եւ Ոթոմին անապատին մէջ երեք օրուայ ճամբայ քալելով Մեռա իջեւան ըրին։ Եւ Մեռայէն չուելով՝ Եղիմ եկան ու Եղիմի մէջ տասներկու ջուրի աղբիւր ու եօթանասուն արմաւենի կային ու հոն իջեւան ըրին։ 10 Եւ Եղիմէն չուելով Կարմիր ծովուն քով իջեւան ըրին։ 11 Եւ Կարմիր ծովէն չուելով՝ Սին անապատը իջեւան ըրին։ 12 Եւ Սին անապատէն չուելով՝ Դափկա իջեւան ըրին։ 13 Եւ Դափկայէն չուելով Եղուս իջեւան ըրին։ 14 Եւ Եղուսէն չուելով Ռափիդիմ իջեւան ըրին ու հոն ժողովուրդին համար խմելու ջուր չկար։ 15 Եւ Ռափիդիմէն չուելով Սինայի անապատը իջեւան ըրին։ 16 Ու Սինայի անապատէն չուելով Կիբրօթ–Հաթթավա իջեւան ըրին։ 17 Եւ Կիբրօթ–Հաթթավայէն չուելով Ասերովթ իջեւան ըրին։ 18 Ու Ասերովթէն չուելով Ռաթամա իջեւան ըրին։ 19 Եւ Ռաթամայէն չուելով Ռեմօն–Փարէս իջեւան ըրին։ 20 Ու Ռեմօն–Փարէսէն չուելով Լեբնա իջեւան ըրին։ 21 Եւ Լեբնայէն չուելով Ռէսսա իջեւան ըրին։ 22 Ու Ռէսսայէն չուելով Կէէլաթա իջեւան ըրին։ 23 Եւ Կէէլաթայէն չուելով Սօփար լեռը իջեւան ըրին։ 24 Ու Սօփար լեռնէն չուելով Քարադա իջեւան ըրին։ 25 Եւ Քարադայէն չուելով Մակեղօթ իջեւան ըրին։ 26 Եւ Մակեղօթէն չուելով Թաաթ իջեւան ըրին։ 27 Եւ Թաաթէն չուելով Թարա իջեւան ըրին։ 28 Ու Թարայէն չուելով Մատեկա իջեւան ըրին։ 29 Եւ Մատեկայէն չուելով Հասմօնա իջեւան ըրին։ 30 Ու Հասմօնայէն չուելով Մօսերօթ իջեւան ըրին։ 31 Եւ Մօսերօթէն չուելով Բանէ–Յական իջեւան ըրին։ 32 Ու Բանէ–Յականէն չուելով Հօրգադգադ իջեւան ըրին։ 33 Ու Հօրգադգադէն չուելով Ետեբաթա իջեւան ըրին։ 34 Ու Ետեբաթայէն չուելով Եբրօնա իջեւան ըրին։ 35 Ու Եբրօնայէն չուելով Գասիոն–Գաբեր իջեւան ըրին։ 36 Եւ Գասիոն–Գաբերէն չուելով Սին անապատը, այսինքն Կադէս իջեւան ըրին։

37 Եւ Կադէսէն չուելով Հովր լեռը իջեւան ըրին, որ Եդովմի երկրին ծայրն է։ 38 Ու Ահարոն քահանան Տէրոջը հրամանովը Հովր լեռը ելաւ եւ հոն մեռաւ, Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն քառասուներորդ տարուան հինգերորդ ամսուան առաջին օրը։ 39 Եւ Ահարոն Հովր լերանը վրայ մեռած ատեն հարիւր քսանըերեք տարեկան էր։

40 Եւ Քանանի երկրին հարաւային կողմը բնակող Արադի Քանանիս թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն գալը լսեց։

41 Եւ Հովր լեռնէն չուելով Սելմօնա իջեւան ըրին։ 42 Ու Սելմօնայէն չուելով Փունոն իջեւան ըրին։ 43 Ու Փունոնէն չուելով՝ Ոբովթ իջեւան ըրին։ 44 Եւ Ոբովթէն չուելով Մովաբի սահմանին մէջ եղող Իյէ–Աբարիմ իջեւան ըրին։ 45 Եւ Իյէ–Աբարիմէն չուելով Դեբոն–Գադ իջեւան ըրին։ 46 Ու Դեբոն–Գադէն չուելով Գելմոն–Դէբլաթէմ իջեւան ըրին։ 47 Ու Գելմոն–Դէբլաթէմէն չուելով Նաբաւի առջեւ Աբարիմի լեռները իջեւան ըրին։ 48 Եւ Աբարիմի լեռներէն չուելով Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջեւան ըրին։ 49 Ուստի անոնք Յորդանանի մօտ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջեւան ըրին՝ Բեթեսիմօթէն մինչեւ Աբէլսատիմ։

ՊԱՏՈՒԷՐՆԵՐ ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ԱՆՑՆԵԼԷ ԱՌԱՋ

50 Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 51 «Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Երբ Յորդանանէն Քանանացիներուն երկիրը անցնինք, 52 Այն երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն վռնտեցէք ու անոնց բոլոր պատկերաւոր կոթողները կործանեցէք եւ անոնց բոլոր թափծու կուռքերը կործանեցէք ու անոնց բոլոր բարձր տեղերը փլցուցէք։ 53 Եւ այն երկիրը ձեր իշխանութեանը տակ անցընելով՝ անոր մէջ բնակեցէք, քանզի այն երկիրը ձեզի տուի, որպէս ժառանգ։ 54 Եւ այն երկիրը վիճակով պէտք է ժառանգէք ձեր տոհմերուն համեմատ. շատուոր եղողին շատ ժառանգութիւն պիտի տաք ու քիչուոր եղողին քիչ ժառանգութիւն պիտի տաք. տեղի մը վիճակը, որու որ ելլէ, կալուածքը անոր ըլլայ. ձեր հայրերուն սերունդներուն համեմատ պէտք է ժառանգէք։ 55 Բայց եթէ այն երկրին բնակիչները ձեր առջեւէն չվռնտէք, այն ատեն անոնցմէ ով որ ողջ թողուցած էք, ձեր աչքերուն փուշ ու ձեր կողերուն տատասկ պիտի ըլլան ու ձեր բնակած երկրին մէջ ձեզի թշնամութիւն պիտի ընեն։ 56 Եւ ինչ որ մտածեր էի անոնց ընել, նոյնը պիտի ընեմ ձեզի։

ԵՐԿՐԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ

34 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն պատուիրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, երբ դուք Քանանի երկիրը մտնէք (այն երկիրը որ պիտի ժառանգէք, այսինքն Քանանի երկիրը իր սահմաններովը) Ձեր հարաւային կողմը Սին անապատէն մինչեւ Եդովմ պէտք է ըլլայ եւ ձեր հարաւային սահմանագիծը արեւելքէն՝ Աղի ծովուն ծայրէն պէտք է սկսի Ու ձեր հարաւային սահմանը Ակրաբիմի զառիվերը պտըտելով մինչեւ Սին պէտք է հասնի ու անկէ ելլելով Կադէս–Բառնեայի հարաւային կողմը երթայ ու Ասար–Ադդարէն ելլելով Ասեմոն պէտք է հասնի Եւ Ասեմոնէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը պտըտելով՝ ծովուն մէջ լմննայ։

Իսկ ձեր արեւմտեան սահմանը մեծ ծովը պէտք է ըլլայ։ Ասիկա ձեր արեւմտեան սահմանն է։

Ձեր հիւսիսային սահմանը մեծ ծովէն մինչեւ Հովր լեռը պէտք է նշանակէք. Հովր լեռնէն մինչեւ Եմաթ ու անկէ սահմանը մինչեւ Սեդադ պէտք է հասնի։ Այն սահմանը մինչեւ Զեփրոն ելլէ ու Ասար–Ենանի մէջ լմննայ։ Ասիկա է ձեր հիւսիսային սահմանը։

10 Ձեր արեւելեան սահմանին համար Ասար–Ենանէն մինչեւ Սեփամ պէտք է նշանակէք։ 11 Այս սահմանը Այինի արեւելեան կողմէն՝ Սեփամէն Ռեբղա պէտք է իջնէ արեւելքի կողմէն իջնելով՝ մինչեւ Քեներեթի ծովուն եզերքը պէտք է հասնի։ 12 Այս սահմանը Յորդանան պէտք է իջնէ ու Աղի ծովուն մէջ վերջանայ։ Այս է ձեր երկիրը իր շրջակայ սահմաններովը»։

13 Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Ասիկա է այն երկիրը, որ դուք վիճակով պիտի ժառանգէք, ինչպէս Տէրը հրամայեց, որ իննուկէս ցեղի տրուի. 14 Քանզի Ռուբէնին որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ ու Գադին որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ եւ Մանասէին կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին։ 15 Այս երկուք ու կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին։ Երիքովի դէմ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի Արեւելք»։

ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՄԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

16 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 17 «Ասոնք են այն մարդոց անունները՝ որոնք երկիրը ժառանգութեան համար պիտի բաժնեն՝ Եղիազար քահանան ու Նաւէին որդին Յեսու 18 Եւ ամէն ցեղ ալ մէկ իշխան առէ՛ք այն ժառանգութիւնը բաժնելու համար։ 19 Եւ այն մարդոց անունները ասոնք են՝ Յուդայի ցեղէն Յեփոնէին որդին Քաղէբ, 20 Շմաւոնի որդիներուն ցեղէն Ամիուդին որդին Սամուէլ, 21 Բենիամինի ցեղէն Քաղսօնին որդին Ելդադ, 22 Դանի որդիներուն ցեղէն իշխան Եգղիին որդին Բոկկի, 23 Յովսէփի որդիներէն Մանասէի որդիներուն ցեղէն իշխան Եփօտին որդին Անիէլ 24 Ու Եփրեմի որդիներուն ցեղէն իշխան Սափաթանին որդին Կամուէլ 25 Եւ Զաբուղոնի որդիներուն ցեղէն իշխան Փառնակին որդին Եղիսափան 26 Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղէն իշխան Ազանի որդին Փաղտիէլ։ 27 Ու Ասերի որդիներուն ցեղէն իշխան Սելօմիին որդին Աքիուդ 28 Ու Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղէն իշխան Ամիուդին որդին Փադայէլ։ 29 Ասոնք են այն մարդիկը՝ որոնց Տէրը հրամայեց, որ Քանանի երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը բաժնեն»։

ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

35 1 Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ իրենց ժառանգութեանը կալուածքէն Ղեւտացիներուն բնակելու քաղաքներ տան. նաեւ քաղաքներուն բոլորտիքը եղած արուարձանները տան Ղեւտացիներուն։ Եւ քաղաքները՝ բնակութեան համար, իսկ արուարձանները անոնց արջառներուն հօտերուն ու բոլոր անասուններուն համար։ Ու Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներուն արուարձանները քաղաքին պարիսպէն դուրս, շուրջանակի հազարական կանգուն ընդարձակութիւն պէտք է ունենան։ Ուստի քաղաքին դուրսը արեւելեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, հարաւային կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, արեւմտեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն ու հիւսիսային կողմէն երկու հազար կանգուն պէտք է չափէք, իսկ քաղաքը մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ Անոնց քաղաքներուն արուարձանները այսպէս ըլլալու են։ Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներէն վեցը իբր ապաստանի քաղաք որոշեցէք, որպէս զի սպաննողը հոն փախչի։ Ասոնցմէ զատ քառասունըերկու քաղաք ալ տուէք։ Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքները քառասունըութը հատ ըլլալու են, իրենց արուարձաններով։ Եւ այն քաղաքները, որոնք Իսրայէլի որդիներուն կալուածքէն պիտի տաք, շատուոր եղողէն՝ շատ, քիչուոր եղողէն քիչ պէտք է առնէք։ Ամէն մէկը իր առած ժառանգութեանը չափովը իր քաղաքներէն Ղեւտացիներուն պարտի տալ»։

ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐ

(Բ. Օր. 19։1-13, Յես. 20։1-9)

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 10 «Իսրայէլի որդիներուն խօսի՛ր ու անոնց ըսէ՛. Երբ Յորդանանէն Քանանի երկիրը անցնիք, 11 Ձեզի քաղաքներ որոշեցէք, իբր ապաստանի քաղաքներ, որպէս զի սխալմամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի։ 12 Եւ այն քաղաքները ձեզի ապաստանարան պէտք է ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն, որպէս զի սպաննողը առանց դատաստանի ժողովուրդին առջեւ երեւնալով չմեռնի։ 13 Ձեր տալիք քաղաքներէն վեցը ձեզի ապաստանի քաղաք թող ըլլան։ 14 Քաղաքներէն երեքը Յորդանանի ասդիի կողմը ու միւս երեքը Քանանի երկրին մէջ թող ըլլան, որպէս ապաստանի քաղաքներ։ 15 Այս վեց քաղաքները Իսրայէլի որդիներուն ու օտարականին եւ ձեր մէջ բնակող պանդուխտին ապաստանարան պիտի ըլլան։ Ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ՝ հոն պիտի փախչի։

16 Իսկ եթէ մարդ մը երկաթէ գործիքով մէկը զարնէ մեռցնէ, անիկա իբրեւ մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։ 17 Կամ եթէ մահառիթ բռնաքարով մը մէկուն զարնէ ու մեռցնէ, անիկա իրապէս մարդասպան է եւ անպատճառ պէտք է մեռցուի։ 18 Կամ եթէ ձեռքով գործածուելու փայտեղէն մահառիթ գործիքով մը զարնէ ու մեռցնէ, անիկա ալ որպէս մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։ 19 Արեան վրէժխնդիրը կրնայ մեռցնել մարդասպանը։ Երբ անոր հանդիպի՝ թող մեռցնէ զանիկա։ 20 Եթէ մէկը թշնամութեամբ հրէ ուրիշ մը ու նենգութեամբ վրան բան մը նետելով՝ զանիկա մեռցնէ 21 Կամ թէ թշնամութեան պատճառաւ ձեռքովը զարնէ անոր ու ան մեռնի, զարնողը անպատճառ պէտք է մեռցուի։ Անիկա մարդասպան է։ Արեան վրէժխնդիրը երբ մարդասպանին հանդիպի՝ զանիկա կրնայ մեռցնել։

22 Բայց եթէ պատահմամբ ու առանց թշնամութեան ուրիշ մը հրէ կամ թէ առանց նենգութեան ուրիշի մը վրայ գործիք մը նետէ 23 Կամ թէ առանց տեսնելու անոր վրայ ոեւէ մահառիթ քար մը ձգէ ու զայն մեռցնէ եւ քանի որ ինք անոր թշնամի չէր ու անոր չարիքը չէր ուզեր, 24 Այն ատեն ժողովը սպաննողին ու արեան վրէժխնդրին մէջտեղ այս օրէնքներուն համեմատ դատաստան թող ընէ։ 25 Ժողովը թող ազատէ սպաննողը արեան վրէժխնդրին ձեռքէն ու զանիկա նորէն իր ապաւինած ապաստան քաղաքը թող դարձնէ։ Անիկա հոն թող բնակի, մինչեւ որ սուրբ իւղով օծուած քահանայապետը մեռնի։ 26 Բայց եթէ սպաննողը իր ապաւինած ապաստան քաղաքին սահմաններէն դուրս ելլէ 27 Ու արեան վրէժխնդիրը զանիկա իր ապաստանի քաղաքին սահմանէն դուրս գտնէ եւ արեան վրէժխնդիրը՝ սպաննողը մեռցնելու ըլլայ, պէտք չէ մահապարտ սեպուի 28 Որովհետեւ սպաննողը իր ապաստան քաղաքը նստելու էր, մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր. բայց քահանայապետին մեռնելէն ետքը միայն իր սեփական երկիրը կրնայ դառնալ։ 29 Ասոնք ձեզի դատաստանի կանոններ ըլլան ձեր սերունդներուն ու ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։

30 Ով որ մարդ մեռցնէ, սպաննողը վկաներու ցուցմունքով պէտք է մեռցուի. բայց մարդ մը մեռցնելու համար՝ միայն մէկ հոգիի վկայութիւնը բաւական չէ։ 31 Մահապարտէ մը սպաննուողին կեանքին համար փրկանք մի՛ առնէք. քանզի անիկա անպատճառ մեռցուելու է։ 32 Ապաստանի քաղաքը փախչողին համար փրկանք մի՛ առնէք, որպէս զի անիկա իր քաղաքը դառնայ ու նստի քահանայապետին մահէն առաջ։ 33 Ուստի ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, քանզի արիւնը կը պղծէ երկիրը ու անոր թափուած արիւնին համար երկրին ուրիշ բանով մը քաւութիւն չ’ըլլար, բայց միայն սպաննողին արիւնովը։ 34 Ուրեմն ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, որուն մէջ ես պիտի բնակիմ. քանզի ես Տէրս կը բնակիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ»։

ԱՄՈՒՍՆԱՑԱԾ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

36 1 Յովսէփին որդիներուն տոհմերէն Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիներուն տոհմին իշխանները մօտեցան ու Մովսէսին առջեւ եւ Իսրայէլի որդիներուն նահապետական իշխաններուն առջեւ խօսեցան Ու ըսին. «Տէրը մեր Տիրոջը հրամայեց, որ ժառանգութեան երկիրը վիճակով բաժնէ Իսրայէլի որդիներուն ու Տէրը մեր Տիրոջ հրամայեց, որ մեր եղբօրը Սալպաադի ժառանգութիւնը անոր աղջիկներուն տայ։ Արդ՝ եթէ անոնք Իսրայէլի որդիներէն տարբեր ցեղի մը որդիներուն կին ըլլան, անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ժառանգութենէն պիտի զատուի ու ո՛ր ցեղի մարդոց որ կին ըլլան, այն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու մեր ժառանգութեան վիճակէն պիտի բաժնուի։ Իսրայէլի որդիներուն Յոբելեան տարին՝ անոնց ժառանգութիւնը իրենց այրերուն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու այս կերպով անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ցեղին ժառանգութենէն պիտի զատուի»։

Մովսէս Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Յովսէփին որդիներուն ցեղը շիտակ կը խօսի։ Սալպաադին աղջիկներուն վրայով Տէրոջը հրամայած ու ըսած խօսքը այս է. ‘Որոնց որ կը հաճին անոնք, թող անոնց կին ըլլան, այն պայմանով որ ընտրածը հօրը ցեղէն ըլլայ. Որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը մէկ ցեղէն ուրիշ ցեղի չանցնի. քանզի Իսրայէլի որդիներէն ամէնքն ալ իրենց հայրերուն ցեղին ժառանգութեանը պէտք է տիրանան։ Ամէն աղջիկ՝ որ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն մէջ կալուածքի մը ժառանգորդ կ’ըլլայ, պէտք է իր հօրը ցեղէն եղող մէկուն կինը ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներէն ամէն մէկը իր հայրերուն ժառանգութիւնը ժառանգէ։ Ժառանգութիւնը մէկ ցեղէ ուրիշ ցեղի չանցնի, բայց Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն ամէն մէկը իր ժառանգութեանը յարի’»։

10 Տէրը Մովսէսին ինչպէս որ հրամայեց, Սալպաադի աղջիկները այնպէս ըրին։ 11 Քանզի Սալպաադի աղջիկները՝ Մաալա, Թերսա, Էգղա, Մեղքա ու Նուա՝ իրենց հօրեղբօրորդիներուն հետ ամուսնացան։ 12 Այսպէս Յովսէփեան Մանասէին որդիներուն տոհմերէն եղողներու կին եղան ու անոնց ժառանգութիւնը իրենց հօրը ցեղին ու ազգատոհմին մէջ մնաց։

13 Ասոնք են այն պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ՝ Մովսէսին միջոցով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց։