ԳԻՐՔ ՀՌՈՒԹԱՅ

ԳԻՐՔ ՀՌՈՒԹԱՅ

ԵԼԻՄԵԼԷՔ ԵՒ ԻՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄՈՎԱԲ ԿԸ ՉՈՒԵՆ

1 1 Դատաւորներու կառավարութեան օրերը երկրին վրայ սով եղաւ։ Յուդայի Բեթլեհէմէն մարդ մը իր կնոջ ու երկու որդիներուն հետ Մովաբի երկիրը պանդխտանալու գնաց Եւ այն մարդուն անունը Ելիմելէք ու կնոջ անունը Նոեմի ու երկու որդիներուն անունները Մաալոն ու Քելլոն էին։ Անոնք Եփրաթացի էին Յուդայի Բեթլեհէմէն եւ Մովաբի երկիրը գացին, հոն բնակեցան։ Նոեմիին այրը Ելիմելէք մեռաւ ու Նոեմի իր երկու որդիներովը մնաց, Որոնք իրենց Մովաբացի կիներ առին։ Մէկուն անունը՝ Որփա ու միւսին անունը Հռութ էր։ Անոնք հոն տասը տարիի չափ նստան։ Մաալոն եւ Քելլոն երկուքն ալ մեռան։ Կինը իր երկու որդիներէն ու այրէն զուրկ մնաց։

ՆՈԵՄԻ ԵՒ ՀՌՈՒԹ ԲԵԹԼԷՀԷՄ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ

Անիկա իր երկու հարսերովը ելաւ, որ Մովաբի երկրէն դառնայ, քանզի Մովաբի երկրին մէջ լսեր էր թէ Տէրը իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրեր է՝ անոնց հաց տալով։ Անիկա իր եղած տեղէն իր երկու հարսերուն հետ ելաւ եւ Յուդայի երկիրը դառնալու համար ճամբորդեց։ Նոեմի իր երկու հարսերուն ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ ամէն մէկդ թող իր մօրը տունը դառնայ ու Տէրը ձեզի ողորմութիւն ընէ, ինչպէս դուք մեռածներուն ու ինծի ըրիք. Տէրը ձեզի տայ, որ ամէն մէկդ իր էրկանը տունը հանգստութիւն գտնէ»։ Զանոնք համբուրեց եւ անոնք ձայներնին վերցնելով լացին 10 Ու անոր ըսին. «Մենք անպատճառ քեզի հետ քու ժողովուրդիդ պիտի դառնանք»։ 11 Բայց Նոեմի ըսաւ. «Ո՛վ իմ աղջիկներս, ե՛տ դարձէք. ինչո՞ւ համար ինծի հետ պիտի երթաք. միթէ իմ արգանդիս մէջ ուրիշ տղաքներ կա՞ն, որ ձեզի այր ըլլան։ 12 Ե՛տ դարձէք, իմ աղջիկներս ու գացէ՛ք. քանզի ես պառաւեր եմ ու նորէն պիտի չկարգուիմ։ Եթէ յոյս ունենալով՝ այս գիշեր կարգուելու ըլլայի ու տղաքներ ալ ծնանէի, 13 Դուք մինչեւ անոնց մեծնալը պիտի սպասէի՞ք եւ դուք ասոր համար պիտի չկարգուէի՞ք ու այսպէ՞ս պիտի մնայիք։ Ո՛չ, աղջիկներս, քանզի ձեզի համար շատ կը ցաւիմ. որովհետեւ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս ծանրացաւ»։ 14 Ու անոնք նորէն ձայներնին վերցնելով լացին։ Եւ Որփա իր կեսուրը համբուրեց, բայց Հռութ անկէ չզատուեցաւ։ 15 Սակայն Նոեմի ըսաւ. «Ահա քու ներդ իր ժողովուրդին ու իր աստուածներուն դարձաւ. դուն ալ ներոջդ ետեւէն դարձիր»։ 16 Բայց Հռութ ըսաւ. «Զիս մի՛ համոզեր, որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ, քանզի ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։ 17 Ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ ու հոն թաղուիմ. Տէրը ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ զիս քեզմէ մահուանէ զատ ուրիշ բան մը զատէ»։ 18 Երբ Նոեմի տեսաւ, որ անիկա միտքը դրեր է իրեն հետ երթալ, ա՛լ չխօսեցաւ անոր։

19 Երկուքը մէկտեղ գացին, մինչեւ որ Բեթլեհէմ հասան։ Երբ Բեթլեհէմ մտան, իրենց պատճառով բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու կ’ըսէին. «Արդեօք Նոեմին ասիկա՞ է»։ 20 Անիկա անոնց ըսաւ. «Զիս Նոեմի մի՛ կոչէք, զիս Մարա կոչեցէք. քանզի Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս։ 21 Ես լեցուն գացի ու Տէրը զիս պարապ դարձուց։ Ինչո՞ւ զիս Նոեմի կը կոչէք. քանզի Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ ու Ամենակարողը զիս վշտացուց»։ 22 Այսպէս Նոեմի իր հարսին, Մովաբացի Հռութին հետ Մովաբի երկրէն ետ դարձաւ ու գարիի հունձքին սկիզբը Բեթլեհէմ հասան։

ՀՌՈՒԹ ԲՈՈՍԻ ԱՐՏԻՆ ՄԷՋ Կ’ԱՇԽԱՏԻ

2 1 Նոեմի՝ իր էրկանը կողմանէ՝ ազգական մը ունէր։ Անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն էր ու շատ հարուստ մարդ մըն էր։ Անոր անունը Բոոս էր։ Մովաբացի Հռութ Նոեմիին ըսաւ. «Արտերը երթամ եւ որուն աչքին առջեւ ողորմութիւն գտնելու ըլլամ, անոր ետեւէն երթամ ու հասկեր ժողվեմ»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Գնա՛, աղջիկս»։ Հռութ գնաց եւ արտի մը մէջ մտնելով հնձողներուն ետեւէն հասկ կը ժողվէր։ Այնպէս պատահեցաւ, որ անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն եղող Բոոսի արտին մէջ մտած էր։

Բոոս Բեթլեհէմէն եկաւ ու հնձողներուն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ»։ Անոնք ըսին. «Տէրը քեզ օրհնէ»։ Բոոս հնձողներուն վրայ կեցող իր մանչուն ըսաւ. «Այս աղջիկը որո՞ւնն է»։ Հնձողներուն վերակացու մանչը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Նոեմիին հետ Մովաբի երկրէն դարձող Մովաբացի աղջիկն է, Որ մեզի ըսաւ. ‘Կ’աղաչեմ, որաներուն մէջ հնձողներուն ետեւէն հասկ քաղեմ ու ժողվեմ’։ Անիկա առտուն կանուխ եկաւ ու մինչեւ հիմա կեցաւ, միայն հիմա՛ քիչ մը նստաւ»։

Բոոս ըսաւ Հռութին. «Մտի՛կ ըրէ, աղջի՛կս, հասկ հաւաքելու համար ուրիշին արտը մի՛ երթար ու այս տեղէն ալ մի՛ զատուիր, հապա հոս իմ աղջիկներուս քով կեցիր. Քու աչքերդ անոնց հնձած արտին վրայ ըլլան ու անոնց ետեւէն գնա։ Ես մանչերուն ապսպրեր եմ, որ քեզի չդպչին։ Երբ ծարաւիս՝ ամաններուն քով գնա ու մանչերուն քաշած ջուրէն խմէ»։ 10 Եւ Հռութ երեսին վրայ ինկաւ ու գետնէն երկրպագութիւն ընելով՝ անոր ըսաւ. «Ինչպէ՞ս ես քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ ու դուն ինծի հետ ծանօթացար, որովհետեւ ես օտար կին մըն եմ»։ 11 Եւ Բոոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Քու էրկանդ մեռնելէն ետքը դուն քու կեսրոջդ ինչ որ ըրիր՝ բոլորն ալ պատմեցին ինծի եւ թէ ի՞նչպէս քու հայրդ ու մայրդ եւ ծննդեանդ երկիրը թողուցիր ու եկար այն ժողովուրդին՝ որ նախապէս չէիր ճանչնար։ 12 Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ եւ քու վարձքդ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն կողմանէ առատապէս թող տրուի, քանզի դուն եկար որպէս զի անոր թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնես»։ 13 Հռութ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր իմ, քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ. քանզի դուն զիս մխիթարեցիր ու քու աղախինիդ քաղցրութեամբ խօսեցար, թէպէտեւ ես քու աղախիններէդ մէկուն պէս ալ չեմ»։ 14 Եւ Բոոս կերակուրի ատեն անոր ըսաւ. «Հո՛ս եկուր ու հացէն կեր եւ պատառդ քացախին մէջ թաթխէ»։ Ուստի անիկա հնձողներուն քով նստաւ։ Անոր բոհրած ցորեն տուին։ Ան ալ կերաւ կշտացաւ եւ աւելցածը պահեց։ 15 Երբ հասկ հաւաքելու ելաւ, Բոոս իր մանչերուն պատուիրելով՝ ըսաւ. «Թող որաներուն մէջէն ալ հաւաքէ ու զանիկա մի՛ ամչցնէք։ 16 Խուրձերէն ալ անոր համար գետինը ձգեցէք ու թող տուէք որ հաւաքէ եւ զանիկա մի՛ յանդիմանէք»։ 17 Անիկա մինչեւ իրիկուն այն արտին մէջ մնալով հասկեր հաւաքեց ու երբ հաւաքուածը ծեծեց, մէկ արդուի չափ գարի եղաւ։ 18 Եւ զանիկա առաւ ու քաղաքը մտաւ եւ կեսուրը անոր հաւաքածը տեսաւ։ Հռութ հանեց իր կշտացածէն աւելցածը անոր տուաւ։

19 Կեսուրը անոր ըսաւ. «Այսօր ուրկէ՞ հասկ հաւաքեցիր եւ ո՞ւր բանեցար. քեզի ճանչուորութիւն ընողը օրհնեալ ըլլայ»։ Այն ատեն անիկա իր կեսրոջ իմացուց թէ որո՛ւ քով բաներ է ու ըսաւ. «Այն մարդը, որուն քով ես այսօր բանեցայ, Բոոս կը կոչուի»։ 20 Նոեմի իր հարսին ըսաւ. «Անիկա Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլայ, որ կենդանիներէն ու մեռածներէն իր ողորմութիւնը չկտրեց»։ Նոեմի անոր ըսաւ. «Այն մարդը մեր ազգատոհմէն է, անիկա մօտ ազգական է մեզի»։ 21 Մովաբացի Հռութ ըսաւ. «Անիկա նաեւ ինծի ըսաւ թէ՝ ‘Իմ մանչերուս քովէն մի՛ զատուիր, մինչեւ որ անոնք իմ բոլոր հունձքս լմնցնեն’»։ 22 Նոեմի իր հարսին Հռութին ըսաւ. «Աղէկ է, աղջի՛կս, որ դուն անոր աղջիկներուն հետ դուրս ելլես ու քեզ ուրիշ արտի մէջ թող չտեսնեն»։ 23 Անիկա Բոոսի աղջիկներէն չզատուեցաւ ու մինչեւ գարիին հունձքին եւ ցորենին հունձքին լմննալը հասկ հաւաքեց ու իր կեսրոջ քով կը բնակէր։

ՀՌՈՒԹ ԱՄՈՒՍԻՆ ՄԸ ԿԸ ԳՏՆԷ

3 1 Հռութին կեսուրը՝ Նոեմի՝ անոր ըսաւ. «Աղջի՛կս, քեզի տուն մը չփնտռե՞մ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։ Հիմա Բոոս մեր ազգականը չէ՞, որուն աղջիկներուն քով կեցար դուն. ահա անիկա այս գիշեր կալին մէջ գարին պիտի հոսէ։ Դուն լուացուէ՛ ու իւղով օծուէ՛ եւ լաթերդ հագի՛ր ու կալը իջի՛ր եւ մինչեւ որ ուտելն ու խմելը չլմնցնէ, այն մարդուն մի՛ յայտնուիր։ Երբ քնանայ, անոր պառկած տեղը իմացիր եւ գնա՛ անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բաց ու պառկէ եւ անիկա քեզի պիտի իմացնէ թէ ի՞նչ ընելու ես»։ Ու Հռութ անոր ըսաւ. «Ամէն ինծի ապսպրածներդ պիտի ընեմ»։

Կալը իջաւ ու կեսրոջը ապսպրածին պէս ըրաւ։ Բոոս ուտելէն, խմելէն ու սիրտը զուարճանալէն ետքը՝ դիզուած գարիին եզերքը պառկելու գնաց։ Հռութ ալ կամացուկ մը գնաց ու անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բացաւ եւ պառկեցաւ։ Կէս գիշերին մարդը վախցաւ ու ծռելով տեսաւ որ ահա իր ոտքերուն քով կին մը պառկեր էր, ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես քու աղախինդ Հռութն եմ եւ քու քղանցքդ քու աղախինիդ վրայ տարածէ, քանզի դուն մօտ ազգականս ես»։ 10 Ան ալ ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս, աղջիկս. քու վերջի աղէկութիւնդ առաջուանէն մեծ է, որովհետեւ աղքատ կամ հարուստ երիտասարդներու ետեւէն չգացիր։ 11 Հիմա, ո՛վ աղջիկս, մի՛ վախնար, դուն ինծի ինչ որ ըսես, պիտի ընեմ. քանզի իմ քաղաքիս բոլոր ժողովուրդը գիտէ որ դուն առաքինի կին մըն ես։ 12 Իրաւցնէ ես քու ազգականդ եմ, բայց ինձմէ աւելի մօտ ուրիշ ազգական մըն ալ կայ։ 13 Այս գիշեր հոս կեցիր ու եթէ անիկա առաւօտուն իր ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել ուզէ, աղէ՛կ, թո՛ղ հատուցանէ. բայց եթէ անիկա ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել չուզէ, այն ատեն ես կը հատուցանեմ։ Կենդանի է Տէրը՝ մինչեւ առաւօտ հոս պառկէ»։

14 Ուստի մինչեւ առաւօտ անոր ոտքերուն քով պառկեցաւ ու մութին, երբ մարդիկ դեռ չէին կրնար մէկզմէկ ճանչնալ, ելաւ եւ Բոոս ըսաւ. «Մարդ թող չգիտնայ թէ կալին մէջ կին մտեր է»։ 15 Նաեւ ըսաւ. «Վրայի ծածկոցդ բեր ու զանիկա բռնէ»։ Հռութ զանիկա բռնեց ու անոր վեց չափ գարի չափեց ու անոր վրայ դրաւ։ Անիկա քաղաք գնաց։ 16 Ու Հռութ իր կեսրոջ քով գնաց, որ իրեն ըսաւ. «Ո՛վ աղջիկս, ի՞նչպէս ես»։ Անիկա անոր պատմեց ինչ որ այն մարդը ըրաւ իրեն։ 17 Եւ ըսաւ. «Ինծի այս վեց չափ գարին տուաւ՝ ըսելով. ‘Քու կեսրոջդ պարապ մի՛ երթար’»։ 18 Եւ Նոեմի ըսաւ. «Աղջի՛կս, նստէ՛, մինչեւ որ գիտնաս թէ այս գործը ի՛նչպէս պիտի լմննայ. քանզի այն մարդը մինչեւ որ այս գործը այսօր չլմնցնէ, չի հանգստանար»։

ԲՈՈՍ Կ’ԱՄՈՒՍՆԱՆԱՅ ՀՌՈՒԹԻՆ ՀԵՏ

4 1 Բոոս դուռը ելաւ ու հոն նստաւ։ Քիչ վերջ Բոոսի յիշած ազգականը կ’անցնէր։ Բոոս անունովը կանչեց զանիկա ու ըսաւ. «Եկո՛ւր, հոս նստէ՛»։ Անիկա դարձաւ ու նստաւ։ Այն ատեն անիկա քաղաքին ծերերէն տասը մարդ առաւ ու անոնց ըսաւ. «Այստեղ նստեցէք»։ Անոնք նստան։ Ետքը այն ազգականին ըսաւ. «Մովաբի երկրէն դարձող Նոեմին մեր եղբօրը Ելիմելէքի արտին բաժինը ծախելու վրայ է։ Ես մտածեցի, որ քեզի իմացնեմ ու ըսեմ. ‘Զանիկա այս նստողներուն առջեւ ու իմ ժողովուրդիս ծերերուն առջեւ ծախու ա՛ռ։ Եթէ ազգականութեան իրաւունքով զանիկա ծախու առնել կ’ուզես, ծախու ա՛ռ. բայց եթէ ծախուի առնել չես ուզեր, ինծի իմացուր որպէս զի գիտնամ, քանզի քեզմէ զատ ազգականութեան իրաւունքը կատարելու մէկը չկայ։ Քեզմէ ետքը ես եմ’»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ազգականութեան իրաւունքը կը կատարեմ»։ Ու Բոոս ըսաւ. «Դուն Նոեմիի ձեռքէն արտը ծախու առած օրդ՝ մեռնողին կնոջմէն, Մովաբացի Հռութն ալ ծախու առնելու ես, որպէս զի մեռնողին անունը պահես իր ժառանգութեանը մէջ»։ Եւ ազգականը ըսաւ. «Ես իմ ազգականութեանս իրաւունքը չեմ կրնար կատարել, չըլլայ որ իմ ժառանգութիւնս աւրեմ։ Իմ ունեցած ազգականութեան իրաւունքս դուն կատարէ, քանզի ես չեմ կրնար կատարել»։ Առաջ Իսրայէլի մէջ այս սովորութիւնը կար։ Փրկելու ու ծախու առնելու գործերուն մէջ՝ ամէն բան հաստատելու համար, մարդը իր կօշիկը կը հանէր ու իր ընկերին կու տար։ Ասիկա Իսրայէլի մէջ վկայութիւն կ’ըլլար։ Ուստի ազգականը Բոոսին ըսաւ. «Դուն ծախու առ» ու իր կօշիկը հանեց։

Բոոս ծերերուն ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք այսօր վկայ էք, որ ես Ելիմելէքի բոլոր ստացուածքը ու Քելլոնի եւ Մաալոնի բոլոր ստացուածքը Նոեմիին ձեռքէն ծախու առի։ 10 Ու Մաալոնի կինը, Մովաբացի Հռութն ալ ինծի կին առի, որպէս զի մեռնողին անունը իր եղբայրներէն ու իր բնակարանին դռնէն չվերնայ. դուք այս բանին համար այսօր վկայ էք»։ 11 Այն ատեն դուռը եղող բոլոր ժողովուրդը ու ծերերը ըսին. «Վկայ ենք։ Տէրը քու տունդ մտնող կինը Ռաքէլին եւ Լիային պէս ընէ, որոնք երկուքը Իսրայէլի տունը շինեցին։ Դուն Եփրաթայի մէջ զօրացի՛ր ու Բեթլեհէմի մէջ անուն վաստկէ՛։ 12 Ու քու տունդ Փարէսի տանը պէս ըլլայ, որ Թամար ծնաւ Յուդային, այն սերունդով՝ որ Տէրը պիտի տայ քեզի այս նորահասակ կնոջմէն»։

ԲՈՈՍ ԵՒ ԻՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

13 Բոոս Հռութը առաւ, որ իրեն կին եղաւ ու անոր մտաւ։ Տէրոջը ողորմութիւնովը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ 14 Կիները Նոեմիին ըսին. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ այսօր քեզ առանց մօտ ազգականի չթողուց, որպէս զի անոր անունը Իսրայէլի մէջ յիշուի։ 15 Ասիկա քու հոգիիդ մխիթարութիւնը, ծերութեանդ գաւազանը թող ըլլայ. քանզի զանիկա քեզ սիրող հարսդ ծնաւ, որ քեզի եօթը որդիէ աղէկ է»։ 16 Ու Նոեմի տղան առաւ՝ իր գիրկը դրաւ եւ անոր դայեակը եղաւ։ 17 Դրացի կիները անոր անուն դրին՝ ըսելով. «Նոեմիին որդի մը ծնաւ» եւ անոր անունը Ովբէդ կոչեցին։ Ասիկա Դաւիթի հօրը Յեսսէի հայրն էր։

18 Եւ Փարէսի ծնունդները ասոնք են։ Փարէս ծնաւ Եսրոնը 19 Ու Եսրոն ծնաւ Արամը եւ Արամ ծնաւ Ամինադաբը 20 Ու Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը եւ Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը 21 Ու Սաղմոն ծնաւ Բոոսը եւ Բոոս ծնաւ Ովբէդը 22 Ու Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն եւ Յեսսէ ծնաւ Դաւիթը։