ԱՌԱՋԻՆ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ

ԱՌԱՋԻՆ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ

1 1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ մեր Փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսին հրամանովը, Տիմոթէոսին՝ հաւատքով իմ հարազատ որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ մեր Հօրմէն եւ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՍԽԱԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷ

Ինչպէս քեզի աղաչեցի Եփեսոս մնալ, երբ ես Մակեդոնիա կ’երթայի, որ պատուիրես մէկ քանիներուն օտար ուսմունք չսորվեցնել Եւ չնայիլ առասպելներու ու ազգահամարներու՝ որոնք վերջ չունին, որոնք աւելի վէճեր ալ կը պատճառեն՝ քան թէ Աստուծոյ հաճելի շինութիւն՝ որ կ’ըլլայ հաւատքով։ Իսկ պատուիրանքին գլուխը սէրն է սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով. Որոնցմէ խոտորելով ոմանք փուճ խօսքերու ետեւէ գացին. Օրէնքներու վարդապետ ըլլալ ուզեցին, բայց իրենք չեն հասկնար ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն։ Արդ գիտենք թէ օրէնքը աղէկ է, եթէ մէկը զանիկա օրինաւոր կերպով գործադրելու ըլլայ։ Բայց ա՛յս թող գիտնայ թէ արդարներուն համար չէ օրէնքը, հապա անօրէններուն ու անհնազանդներուն համար, ամբարիշտներուն եւ մեղաւորներուն, անսուրբներուն եւ պիղծերուն, հայր ու մայր զարնողներուն, մարդասպաններուն, 10 Պոռնիկներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն եւ թէ ուրիշ ոեւէ բանի որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան, 11 Որը համաձայն է երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին եւ որ ինծի յանձնուեցաւ։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

12 Շնորհակալ եմ անոր՝ որ զիս զօրացուց, այսինքն Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջը, որ հաւատարիմ սեպելով զիս՝ այս սպասաւորութեան մէջ դրաւ. 13 Որ առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող. բայց ողորմութիւն գտայ, վասն զի անհաւատութեան մէջ եւ չգիտնալով ըրի։ 14 Մեր Տէրոջը շնորհքը խիստ շատ եղաւ ինծի հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։ 15 Այս խօսքը հաւատարիմ է ու բոլորովին ընդունելութեան արժանի, որ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, որոնց գլուխը ես եմ. 16 Բայց անոր համար ողորմութիւն գտայ, որ ամենէն առաջ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս ցուցնէ երկայնմտութիւնը՝ օրինակ ըլլալու անոնց, որոնք պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար։ 17 Արդ՝ յաւիտենական Թագաւորին, որ անեղծ ու աներեւոյթ է, մի միայն Աստուծոյն փառք ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

18 Այս պատուէրը կ’աւանդեմ քեզի, ի՛մ որդեակս Տիմոթէոս, քեզի համար նախապէս եղած մարգարէութիւններուն համաձայն, որ անոնցմով պատերազմիս այն բարի պատերազմը 19 Եւ ունենաս հաւատք ու մաքուր խղճմտանք, որ մէկ քանիները իրենցմէ մէկդի ձգելով՝ նաւակոծութիւն կրեցին հաւատքին կողմանէ. 20 Որոնցմէ են Հիմենոսն ու Աղեքսանդրոսը, որոնք ես Սատանային մատնեցի, որպէս զի սորվին հայհոյութիւն չընել։

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

2 1 Արդ՝ կ’աղաչեմ ամէն բանէ առաջ աղօթք ընել, խնդրել, աղաչել, գոհութիւն մատուցանել բոլոր մարդոց համար, Մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար, որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով։ Վասն զի այն է աղէկը ու ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ։ Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան։ Քանզի մէ՛կ Աստուած կայ ու մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը, Որ իր անձը ամենուն տեղ փրկանք տուաւ՝ իր ատենին վկայութիւն ըլլալու, Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարիտ կ’ըսեմ Քրիստոսով եւ սուտ չեմ խօսիր,) հեթանոսներուն վարդապետ եղայ հաւատքով ու ճշմարտութիւնով։ Արդ՝ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան։ Նոյնպէս ալ կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, 10 Հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն։ 11 Կինը թող սորվի լռութեամբ՝ ամենայն հնազանդութիւնով։ 12 Բայց կնոջ հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ո՛չ ալ՝ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու։ 13 Վասն զի առաջ Ադամ ստեղծուեցաւ ու ետքը՝ Եւան։ 14 Եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կինը խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց. 15 Սակայն պիտի փրկուի անիկա որդեծնութեամբ, եթէ պարկեշտութիւնով կենան հաւատքի եւ սիրոյ ու սրբութեան մէջ։

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

3 1 Այս խօսքը հաւատարիմ է։ Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ, Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար, Ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, հապա հանդարտ, ո՛չ կռուող, ո՛չ արծաթասէր, Որ իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելու. (Իսկ եթէ մէկը իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ.) Ոչ ալ նորահաւատ ըլլայ, որ չըլլայ թէ հպարտանալով Սատանային դատապարտութեանը մէջ իյնայ։ Հապա պէտք է եկեղեցիէն դուրս եղողներէն ալ բարի վկայութիւն բերէ, որ չըլլայ թէ նախատինքի մէջ ու Սատանային որոգայթին մէջ իյնայ։

ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐԸ

Նոյնպէս ալ սարկաւագները ըլլան ծանրաբարոյ, ո՛չ երկլեզու, ո՛չ գինեսէր, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող. Հապա հաւատքին խորհուրդը պահեն մաքուր խղճմտանքով։ 10 Եւ ասոնք ալ առաջ թող փորձուին ու ետքը՝ եթէ անմեղադրելի գտնուին, սարկաւագութեան պաշտօնը կատարեն։ 11 Նոյնպէս ալ անոնց կիները ծանրաբարոյ ըլլան, ո՛չ չարախօս, հապա զգաստ, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ։ 12 Սարկաւագները թող մէկ կնոջ այր ըլլան եւ իրենց զաւակներուն ու իրենց տանը աղէկ վերակացութիւն թող ընեն 13 Քանզի անոնք որ սարկաւագութեան պաշտօնը աղէկ կը կատարեն, բարի աստիճան մը կը շահին ու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքին մէջ՝ շատ համարձակութիւն։

ՄԵԾ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

14 Այս բաները կը գրեմ քեզի, թէեւ կը յուսամ մօտերս քեզի գալ, 15 Որպէս զի եթէ ուշանամ՝ գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է Աստուծոյ տանը մէջ պտըտիս, որ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը։ 16 Յայտնապէս մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած մարմնով յայտնուեցաւ, Հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն երեւցաւ, հեթանոսներուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհէն ընդունուեցաւ ու փառքով համբարձաւ։

ՍՈՒՏ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

4 1 Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն, Ստախօսներուն կեղծաւորութիւնովը, որոնց խղճմտանքը խանձուած է. Որոնք ամուսնանալէ պիտի արգիլեն ու ետ պիտի պահեն այն կերակուրներէն՝ որոնք Աստուած ստեղծեր է որպէս զի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը ճանչցողները գոհութեամբ վայելեն։ Վասն զի Աստուծոյ ամէն ստեղծածը բարի է ու մերժելու բան մը չկայ, եթէ գոհութեամբ ընդունուի. Քանզի Աստուծոյ խօսքովը ու աղօթքով կը սրբուի։ Այս բաները եղբայրներուն յիշեցնելով՝ Յիսուս Քրիստոսին բարի պաշտօնեայ մը պիտի ըլլաս ու պիտի սնանիս հաւատքին խօսքերովը եւ այն բարի վարդապետութիւնովը՝ որուն հետեւեցար։ Բայց պիղծ ու պառաւական առասպելներէն ե՛տ կեցիր եւ քու անձդ աստուածպաշտութեան վարժեցուր. Վասն զի մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է, բայց աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի։ Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի։ 10 Վասն զի բո՛ւն ասոր համար կ’աշխատինք ու նախատինք կը կրենք, քանզի կենդանի Աստուծոյ յուսացեր ենք, որ բոլոր մարդոց Փրկիչն է, մանաւանդ հաւատացեալներուն։ 11 Այս բաները պատուիրէ՛ ու սորվեցո՛ւր։ 12 Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ, հապա դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ։ 13 Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։ 14 Անհոգ մի՛ ըլլար քու վրադ եղած պարգեւին վրայով, որ մարգարէութեամբ քեզի տրուեցաւ՝ երէցներուն ձեռքերը քու վրադ դրուելովը։ 15 Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ։ 16 Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն։

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ

5 1 Ծերը սաստիկ մի՛ յանդիմաներ, հապա հօր մը պէս յորդորէ զանիկա. երիտասարդները՝ եղբայրներու պէս, Պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս ամէն կերպ մաքրութիւնով։ Որբեւայրիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւայրի են։ Իսկ եթէ որբեւայրի մը զաւակներ կամ թոռներ ունի, թող անոնք առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ։ Ան որ ճշմարտապէս որբեւայրի է ու մինակ մնացած եւ իր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած է, թող գիշեր ցորեկ աղօթքով ու աղաչանքով պարապի։ Բայց փափկասէր որբեւայրին թէեւ կենդանի՝ բայց մեռած է։ Որբեւայրիներուն պատուիրէ որպէս զի անարատ ըլլան։ Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է։ Որբեւայրին որբեւայրիներու կարգը թող սեպուի, եթէ վաթսուն տարեկանէն պակաս չէ, մէկ էրկան կին եղած, 10 Բարի գործերով վկայուած. եթէ զաւակներ մեծցուցած ըլլայ, եթէ հիւրեր ընդունած ըլլայ, եթէ սուրբերուն ոտքերը լուացած ըլլայ, եթէ նեղեալներուն օգնութիւն ըրած ըլլայ, եթէ ամէն տեսակ բարեգործութեան մէջ յարատեւած ըլլայ։ 11 Բայց դեռահասակ որբեւայրիները մերժէ. քանզի երբ Քրիստոսին դէմ յանդգնելով հեշտասիրութեան անձնատուր ըլլան, ամուսնանալ կ’ուզեն 12 Եւ դատապարտութիւն կ’ընդունին, վասն զի նախկին հաւատքնին մէկդի ձգելով կը ծուլանան։ 13 Տունէ տուն կը պտըտին եւ ո՛չ միայն ծոյլ, հապա շատախօս ու հետաքրքիր կ’ըլլան եւ անպատեհ բաներ կը խօսին։ 14 Ուստի կ’ուզեմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, տնաշէն ըլլան ու նախատինքի առիթ չտան հակառակորդին 15 Քանզի արդէն ոմանք խոտորեցան եւ Սատանային ետեւէն գացին։ 16 Եթէ հաւատացեալ այր մարդ մը կամ կին մը որբեւայրիներ ունենայ, թող օգնէ անոնց եւ եկեղեցին չծանրաբեռնէ, որպէս զի ճշմարտապէս որբեւայրիներուն օգնէ։

17 Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով։ 18 Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր» եւ «Մշակը իր վարձքին արժանի է»։ 19 Երէցի վրայով ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, եթէ երկու կամ երեք վկայ չըլլայ։ 20 Անոնք որ մեղք կը գործեն, ամենուն առջեւ յանդիմանէ, որպէս զի ուրիշներ ալ վախնան։ 21 Կ’երդմնցնեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին ու ընտրեալ հրեշտակներուն որպէս զի այս բաները պահես առանց նախապաշարումի, բան մը աչառութեամբ չընես։ 22 Շուտով մէկուն վրայ ձեռք մի՛ դներ եւ ուրիշներուն մեղքերուն հաղորդակից չըլլաս։ Դուն քեզ մաքո՛ւր պահէ։

23 Ասկէ յետոյ միայն ջուր չխմես, հապա քիչ մըն ալ գինի խառնէ ստամոքսիդ եւ յաճախակի հիւանդութիւններուդ համար։

24 Կան մարդիկ՝ որոնց մեղքերը յայտնի են ու առաջուընէ դատաստանի հասած են եւ կան՝ որոնց մեղքերը յետոյ յայտնի կ’ըլլան։ 25 Նոյնպէս ալ ոմանց բարի գործերը յայտնի են եւ այն գործերը որ յայտնի չեն, չեն կրնար ծածկուած մնալ։

6 1 Անոնք որ ծառայութեան լուծի տակ են, իրենց տէրերը ամէն պատիւի արժանի թող սեպեն, որպէս զի Աստուծոյ անուան ու վարդապետութեան չհայհոյեն։ Անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին, թող չարհամարհեն՝ եղբայրներ ըլլալնուն պատճառով, հապա աւելի լաւ ծառայութիւն ընեն, վասն զի անոնք հաւատացեալ են ու սիրելի, որոնք բարերարութիւն ընելու մէջ մասնակից են։ Այս բաները սորվեցո՛ւր ու յորդորէ՛։

ՍԽԱԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ՇԱՀԵՐ

Եթէ մէկը ուրիշ կերպ բան սորվեցնէ ու մտիկ չընէ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ողջամիտ խօսքերուն եւ այն վարդապետութեանը, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է, Այնպիսին հպարտացած է ու բան մը չի գիտեր, հապա վէճերով ու հակառակութիւններով ախտացած է. որոնցմէ կը յառաջանան նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, գէշ կասկածներ, Մտքով ապականած ու ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց զրաբանութիւններ, որոնք աստուածպաշտութիւնը շահավաճառութիւն մը կը սեպեն. այնպիսիներէն մէկդի՛ կեցիր։ Սակայն աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։ Վասն զի բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք։ Բայց անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ 10 Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին։

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

11 Բայց դո՛ւն, ո՛վ մարդ Աստուծոյ, փախի՛ր այս բաներէն ու գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն։ 12 Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար եւ շատ վկաներու առջեւ դաւանեցար բարի դաւանութիւնը։ 13 Կը պատուիրեմ քեզի Աստուծոյ առջեւ, որ կենդանի կ’ընէ բոլորը եւ Քրիստոս Յիսուսին առջեւ, որ Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ վկայեց բարի դաւանութիւնը, 14 Որ դուն այն պատուէրը անբիծ, անարատ պահես՝ մինչեւ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը. 15 Որը իր ատենին պիտի ցուցնէ Երանելին ու միմիայն Հզօրը, թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէրը։ 16 Որ միայն ունի անմահութիւն՝ անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած, որ մարդոցմէ մէ՛կը չտեսաւ, ո՛չ ալ տեսնելու կարող է, որուն պատիւ եւ զօրութիւն յաւիտեանս։ Ամէն։

17 Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու, 18 Բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։ 19 Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն։ 20 Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։ 21 Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան։ Շնորհքը քեզի հետ ըլլայ։ Ամէն։