Բ. ԳԻՐՔ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

Բ. ԳԻՐՔ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ՄԵՌՆԻԼԸ ԿԸ ԼՍԷ

1 Սաւուղին մեռնելէն ետքը, երբ Դաւիթ Ամաղեկացիները զարնելէն դարձեր էր ու երկու օր Սիկելակի մէջ նստեր էր, Երրորդ օրը բանակէն՝ Սաւուղին քովէն՝ մէկը եկաւ, որուն հանդերձները պատռուած էին ու գլխուն վրայ հող կար։ Անիկա Դաւիթին քով գալով՝ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Ես Իսրայէլի բանակէն փախայ»։ Դաւիթ ըսաւ անոր. «Բանը ի՞նչպէս եղաւ, պատմէ՛ ինծի»։ Անիկա ըսաւ. «Ժողովուրդը պատերազմէն փախաւ ու ժողովուրդէն շատ մարդիկ ինկան մեռան»։ Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ. «Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին մեռնիլը ուրկէ՞ գիտես»։ Անոր լուր բերող պատանին ըսաւ. «Դիպուածով Գեղբուէ լերան վրայ գտնուեցայ եւ ահա Սաւուղ իր նիզակին վրայ կռթներ էր ու կառքերը եւ ձիաւորները անոր կը մօտենային։ Այն ատեն ետեւը դառնալով զիս տեսաւ ու զիս կանչեց։ Ես ալ ըսի՝ ‘Ահա հոս եմ’։ Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Դուն ո՞վ ես’։ Ես ալ անոր ըսի թէ՝ Ամաղեկացի եմ։ Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Կ’աղաչեմ, իմ վրաս ելիր ու զիս մեռցուր. քանզի վրաս թմրութիւն մը եկաւ, բայց տակաւին հոգիս վրաս է’։ 10 Այն ատեն անոր վրայ ելայ ու զանիկա մեռցուցի. քանզի ես հասկցայ թէ անիկա իյնալէն ետքը պիտի չապրի։ Անոր գլխուն թագը եւ անոր թեւին ապարանջանը առի ու զանոնք հոս իմ տիրոջս բերի»։ 11 Այն ատեն Դաւիթ իր հանդերձները պատռեց, նոյնպէս ալ անոր հետ եղող բոլոր մարդիկը։ 12 Անոնք Սաւուղին համար ու անոր որդիին Յովնաթանին համար եւ Տէրոջը ժողովուրդին համար ու Իսրայէլի տանը համար սուգ բռնեցին ու լացին ու մինչեւ իրիկուն ծոմ բռնեցին, քանի որ սրով ինկած էին
13 Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ. «Դուն ո՞ր տեղացի ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես պանդուխտ Ամաղեկացիի մը զաւակ եմ»։ 14 Եւ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Ի՞նչպէս չվախցար ձեռքդ երկնցնելու եւ Տէրոջը օծեալը մեռցնելու»։ 15 Դաւիթ մանչերէն մէկը կանչեց ու ըսաւ. «Մօտեցի՛ր, ասիկա մեռցո՛ւր»։ Զանիկա զարկաւ ու մեռցուց։ 16 Ու Դաւիթ անոր ըսաւ. «Քու արիւնդ քու գլուխդ ըլլայ, քանզի քու բերանդ քեզի համար վկայութիւն տուաւ՝ ըսելով. ‘Տէրոջը օծեալը ես մեռցուցի’»։

ԴԱՒԻԹԻՆ ՈՂԲԸ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ԵՒ ՅՈՎՆԱԹԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

17 Դաւիթ Սաւուղին ու Յովնաթանին վրայ այս ողբը ըսաւ 18 Ու պատուիրեց որ Աղեղը Յուդային որդիներուն սորվեցնեն։ Անիկա Ուղիղին գրքին մէջ գրուած է։
19 «Ո՛վ Իսրայէլի փառքը,
Քու բարձր տեղերուդ վրայ վիրաւորուած ինկար։
Զօրաւորները ի՛նչպէս ինկան։ 20 Գէթի մէջ մի՛ պատմէք,
Ասկաղոնի ճամբաներուն մէջ աւետիս մի՛ տաք.
Չըլլայ թէ Փղշտացիներուն աղջիկները ուրախանան,
Չըլլայ թէ անթլփատներուն աղջիկները ցնծութիւն ընեն։
21 Ո՛վ Գեղբուէի լեռներ,
Ձեր վրայ ո՛չ ցօղ գայ եւ ո՛չ անձրեւ
Ու երախայրի ընծաներու անդաստաններ չգտնուին.
Քանզի զօրաւորներուն վահանը հոն ձգուեցաւ,
Սաւուղին վահանը կարծես թէ իւղով չէր օծուած։
22 Վիրաւորուածներուն արիւնէն ու զօրաւորներուն ճարպէն՝
Յովնաթանին աղեղը ետ չքաշուեցաւ
Ու Սաւուղին սուրը պարապ չդարձաւ։
23 Սաւուղ ու Յովնաթան
Իրենց կենդանութեան ատենը շատ սիրելի ու հաճելի ըլլալով,
Իրենց մահուան ժամանակ ալ իրարմէ չզատուեցան։
Արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ
Ու առիւծներէն աւելի զօրաւոր էին։
24 Ո՛վ Իսրայէլի աղջիկներ, լացէ՛ք Սաւուղին համար,
Որ ձեզի վայելուչ կարմիրներ կը հագցնէր
Ու ձեր հանդերձներուն վրայ ոսկիէ զարդեր կը դնէր։
25 Պատերազմին մէջ զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան։
Ո՛վ Յովնաթան, քու բարձր տեղերուդ վրայ մեռցուեցար։
26 Քեզի համար շատ կը ցաւիմ,
Ո՛վ եղբայր իմ Յովնաթան.
Դուն ինծի խիստ սիրելի էիր.
Քու սէրդ ինծի զարմանալի էր,
Կանանց սէրէն աւելի էր։
27 Զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան ու պատերազմի զէնքերը կորսուեցան։

ԴԱՒԻԹ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ԸԼԼԱՅ

1 Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Յուդայի քաղաքներէն մէկը ելլե՞մ»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՞ւր ելլեմ»։ Տէրը ըսաւ. «Քեբրոն»։ Եւ Դաւիթ իր երկու կիները, այսինքն Յեզրայելացի Աքինոամն ու Կարմելացի Նաբաղի կինը Աբիգիան, իրեն հետ առնելով հոն ելաւ։ Դաւիթ՝ իրեն հետ եղող մարդիկն ալ՝ ամէն մէկը իր ընտանիքովը, Քեբրոնի քաղաքներուն մէջ բնակեցան։ Յուդայի մարդիկը եկան ու հոն Դաւիթը Յուդային տանը վրայ թագաւոր օծեցին։ Եւ Դաւիթին պատմեցին ու ըսին թէ՝ ‘Գաղաադի Յաբիսին բնակիչները Սաւուղը թաղեցին’։ Դաւիթ Գաղաադի Յաբիսին բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեց ու անոնց ըսաւ. «Դուք Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաք, որ ձեր տիրոջը Սաւուղին այս ողորմութիւնն ըրիք ու զանիկա թաղեցիք։ Տէրը թող ձեզի ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն ընէ՝ այս բանը ընելնուդ համար։ Ես ալ ձեզի այս աղէկութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ։ Հիմա ձեր ձեռքը թող ուժովնայ ու զօրաւոր կտրիճներ եղէք. քանզի ձեր տէրը՝ Սաւուղ մեռաւ եւ Յուդայի տունը զիս իրենց վրայ թագաւոր օծեցին»։

ՅԵԲՈՒՍԹԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵՂԱՒ

Սաւուղին զօրավարը՝ Ներեան Աբեններ՝ Սաւուղին որդին Յեբուսթէն առաւ ու զանիկա Մանայիմ տարաւ Եւ զանիկա Գաղաադի վրայ, Ասուրիի վրայ, Յեզրայէլի վրայ, Եփրեմի վրայ, Բենիամինի վրայ ու բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըրաւ։ 10 Երբ Սաւուղին որդին Յեբուսթէ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, քառասուն տարեկան էր։ Երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Միայն Յուդայի տունը Դաւիթին հպատակ եղաւ։ 11 Յուդային տանը վրայ Քեբրոնի մէջ Դաւիթին թագաւորութիւն ըրած ժամանակը եօթը տարի ու վեց ամիս էր։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՅՈՒԴԱՅԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ

12 Ներեան Աբեններ եւ Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին ծառաները Մանայիմէն Գաբաւոն ելան։ 13 Շարուհեային որդին՝ Յովաբ ու Դաւիթին ծառաները Քեբրոնէն ելան ու Գաբաւոնին աւազանին քով անոնց հանդիպեցան։ Ասոնք՝ աւազանին մէկ կողմը ու անոնք աւազանին միւս կողմը նստան։ 14 Աբեններ Յովաբին ըսաւ. «Թող կտրիճները ելլե՛ն ու մեր առջեւ խաղան»։ Յովաբ ըսաւ. «Թող ելլեն»։ 15 Ուստի անոնք նոյն թիւով ելան։ Բենիամինէն ու Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին կողմէն տասներկու մարդ եւ Դաւիթի ծառաներէն՝ տասներկու մարդ։ 16 Ամէն մէկը իր ընկերին գլխէն բռնեց եւ իր սուրը իր ընկերին կողը խոթեց ու մէկտեղ ինկան։ Այն տեղին անունը Քեղկաթ–Ասուրիմ կոչուեցաւ, որ Գաբաւոնի մէջ է։
17 Այն օրը խիստ սաստիկ պատերազմ եղաւ ու Աբեններ Իսրայէլի մարդոց հետ Դաւիթին ծառաներէն յաղթուեցաւ։ 18 Շարուհեային երեք որդիները՝ Յովաբ, Աբեսսա ու Ասայէլ՝ հոն էին ու Ասայէլ դաշտի այծեամի պէս ոտքով թեթեւ էր։ 19 Ասայէլ Աբենների ետեւէն ինկաւ ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ։ 20 Աբեններ ետեւը դարձաւ ու ըսաւ. «Ասայէ՛լ, դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ 21 Աբեններ անոր ըսաւ. «Քու աջ կամ ձախ կողմդ խոտորէ ու կտրիճներէն մէկը բռնէ ու անոր զէնքերը քեզի առ»։ Բայց Ասայէլ անոր ետեւէն դառնալ չուզեց։ 22 Աբեններ նորէն մէյ մըն ալ Ասայէլին ըսաւ. «Ետեւէս դարձի՛ր. քեզ ինչո՞ւ համար գետինը զարնեմ. այն ատեն ի՞նչպէս երեսս վերցնեմ քու եղբօրդ Յովաբին նայիմ»։ 23 Բայց անիկա անոր ետեւէն դառնալ չուզեց։ Աբեններ նիզակին ետեւի ծայրովը սնակուշտէն զարկաւ ու նիզակը անոր կռնակէն ելաւ եւ հոն ինկաւ ու նոյն տեղը մեռաւ։ Ով որ Ասայէլին ինկած ու մեռած տեղը կու գար՝ կանգ կ’առնէր։ 24 Յովաբ ու Աբեսսա Աբեններին ետեւէն ինկած կը հալածէին զանիկա։ Երբ անոնք Գիայի դէմը՝ Գաբաւոնի անապատին ճամբան եղող Ամմայի բլուրը եկան, արեւը մարը մտաւ։
25 Բենիամինին որդիները Աբեններին ետեւէն հաւաքուեցան եւ գունդ մը եղան ու բլուրի մը գլուխը կայնեցան։ 26 Աբեններ Յովաբին պոռալով՝ ըսաւ. «Միթէ սուրը անդադար պիտի ուտէ՞։ Չե՞ս գիտեր թէ ասոր վերջը դառն կ’ըլլայ։ Մինչեւ ե՞րբ ժողովուրդին պիտի չհրամայես որ իրենց եղբայրները հալածելէն ետ դառնան»։ 27 Յովաբ ըսաւ. «Կենդանի է Աստուած, եթէ դուն խօսած չըլլայիր ալ՝ ժողովուրդը առտուն իր եղբայրները հալածելէն ետ պիտի դառնար»։
28 Այն ատեն Յովաբ փող հնչեցուց ու բոլոր ժողովուրդը կանգ առաւ ու ա՛լ Իսրայէլին ետեւէն չինկան ու պատերազմ չըրին։ 29 Աբեններ ու իր մարդիկը բոլոր գիշերը դաշտին մէջէն երթալով՝ Յորդանանէն անցան ու բոլոր Բեթրոնը պտըտելով՝ Մանայիմ հասան։ 30 Յովաբ Աբեններէն դարձաւ ու բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց, բայց Դաւիթին ծառաներէն տասնըինը մարդ ու Ասայէլ կը պակսէին։ 31 Դաւիթին ծառաները Բենիամինէն ու Աբենների մարդոցմէն երեք հարիւր վաթսուն մարդ զարկին, որոնք մեռան։ 32 Ասայէլը վերցուցին ու զանիկա Բեթլեհէմի մէջ իր հօրը գերեզմանը թաղեցին։ Յովաբ եւ անոր մարդիկը բոլոր գիշերը քալեցին ու արշալոյսին Քեբրոն հասան։
1 Սաւուղին տանը ու Դաւիթին տանը մէջտեղ երկայն պատերազմ եղաւ։ Դաւիթ երթալով կը զօրանար, բայց Սաւուղին տունը երթալով կը տկարանար։

ԴԱՒԻԹԻՆ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

Քեբրոնի մէջ Դաւիթին որդիներ ծնան ու անոր անդրանիկը Յեզրայելացի Աքինոամէն ծնած Ամնոնն էր։ Անոր երկրորդը Կարմելացի Նաբաղի կնոջմէն Աբիգիայէն ծնած Քիլաբն էր ու երրորդը Գեսուրի թագաւորին Թոլմիի աղջկան Մաաքայի որդին Աբիսողոմն էր Եւ չորրորդը Ագգիթի որդին Ադոնիան էր ու հինգերորդը Աբիտալի որդին Սափատիան էր Ու վեցերորդը Դաւիթի կնոջմէն Եգղայէն ծնած Յեթրամն էր. Քեբրոնի մէջ Դաւիթի ասոնք ծնան։
Սաւուղին տանը մէջտեղ քանի որ պատերազմ կար, Աբեններ Սաւուղին տանը թիկունքն էր։ Սաւուղ հարճ մը ունէր՝ որուն անունը Ռեսփա էր ու Այիային աղջիկն էր։ Ու Յեբուսթէն Աբեններին ըսաւ. «Իմ հօրս հարճին ինչո՞ւ մօտեցար»։

ԱԲԵՆՆԵՐ ԴԱՒԻԹԻՆ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ

Աբեններ Յեբուսթէին խօսքերուն համար խիստ բարկացաւ ու ըսաւ. «Միթէ ես շան գլո՞ւխ եմ որ Յուդայի դէմ՝ քու հօրդ Սաւուղին տանը, անոր եղբայրներուն ու բարեկամներուն այսօր ողորմութիւն ըրի ու քեզ Դաւիթին ձեռքը չմատնեցի եւ դուն այսօր այս կնոջ համար զիս կը մեղադրես։ Աստուած Աբեններին այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ Դաւիթին չընեմ ինչ որ Տէրը անոր երդում ըրաւ. 10 Այսինքն թագաւորութիւնը Սաւուղին տունէն վերցնեմ ու Դաւիթին աթոռը Իսրայէլի վրայ եւ Յուդայի վրայ հաստատեմ՝ Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ»։ 11 Յեբուսթէ մէյ մըն ալ չկրցաւ Աբեններին պատասխան տալ՝ անկէ վախնալուն համար։
12 Աբեններ իր կողմէ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Այս երկիրը որո՞ւնն է։ Ինծի հետ դաշնակցութիւն ըրէ եւ իմ ձեռքս քեզի հետ պիտի ըլլայ՝ բոլոր Իսրայէլը քեզի դարձնելու համար»։ 13 Դաւիթ ըսաւ. «Աղէկ, ես քեզի հետ դաշնակցութիւն կ’ընեմ. բայց քեզմէ բան մը կը պահանջեմ, որ իմ երեսս տեսնելու եկած ատենդ՝ եթէ Սաւուղին աղջիկը Մեղքողը ինծի չբերես, իմ երեսս չտեսնես»։ 14 Դաւիթ Սաւուղին որդիին, Յեբուսթէին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Իմ կինս Մեղքողը ինծի տուր, որ Փղշտացիներու հարիւր անթլփատութիւններովը առի»։ 15 Յեբուսթէ մարդ ղրկեց ու զանիկա անոր այրէն, Լայիսեան Փաղտիէլէն առաւ։ 16 Անոր այրը լալով մինչեւ Բաւուրիմ անոր ետեւէն գնաց։ Ու Աբեններ անոր ըսաւ. «Գնա՛, դարձիր՛»։ Ու անիկա դարձաւ։
17 Աբեններ Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երէկ ու միւս օր կ’ուզէիք որ Դաւիթ ձեր վրայ թագաւոր ըլլայ, 18 Ուրեմն հիմա ըրէք. քանզի Տէրը Դաւիթին համար խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլ Փղշտացիներուն ձեռքէն ու անոր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն՝ իմ ծառայիս Դաւիթին ձեռքով պիտի ազատեմ’»։ 19 Աբեններ նոյն խօսքերը Բենիամինին ալ ըսաւ։ Անկէ ետքը Աբեններ Քեբրոն գնաց, որպէս զի Իսրայէլին ու Բենիամինին բոլոր տանը հաճոյ երեւցածը Դաւիթին ալ պատմէ։ 20 Աբեններ Քեբրոն գնաց՝ Դաւիթին հետ քսան մարդ ունենալով։ Դաւիթ Աբեններին ու անոր հետ եղող մարդոց խնճոյք ըրաւ։ 21 Աբեններ Դաւիթին ըսաւ. «Ելլեմ երթամ եւ բոլոր Իսրայէլը իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ քով հաւաքեմ, որպէս զի քեզի հետ դաշնակցութիւն ընեն ու դուն սրտիդ ուզածին պէս թագաւորութիւն ընես»։ Դաւիթ Աբենները ղրկեց, որ խաղաղութեամբ գնաց։

ԱԲԵՆՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ

22 Դաւիթին ծառաները ու Յովաբ ասպատակութենէ ետ դարձան ու իրենց հետ խիստ շատ աւար բերին։ Աբեններ Դաւիթին քով Քեբրոնի մէջ չէր. քանզի Դաւիթ զանիկա ղրկեր էր ու անիկա խաղաղութեամբ գացեր էր։ 23 Երբ Յովաբ եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրքը եկան, Յովաբին պատմեցին ու ըսին. «Ներեան Աբեններ թագաւորին եկաւ. ան ալ զանիկա ղրկեց ու խաղաղութեամբ գնաց»։ 24 Այն ատեն Յովաբ թագաւորին գնաց ու ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, ահա Աբեններ քեզի եկեր է. Ինչո՞ւ համար զանիկա թողուցիր որ երթայ։ 25 Դուն չե՞ս գիտեր, որ Ներեան Աբեններ քեզ խաբելու, քու ելլելու ու մտնելու տեղդ հասկնալու ու քու ամէն գործդ իմանալու համար եկաւ»։ 26 Յովաբ Դաւիթին քովէն ելաւ ու Աբեններին ետեւէն պատգամաւորներ ղրկեց ու զանիկա Սիրայի ջրհորէն ետ դարձուցին։ Բայց Դաւիթ չէր գիտեր։ 27 Երբ Աբեններ Քեբրոն դարձաւ, Յովաբ զանիկա դրանը ներսիդին քաշեց, անոր հետ ծածուկ խօսակցութիւն ընելու համար ու զանիկա հոն, իր եղբօրը Ասայէլին արեանը համար, սնակուշտէն զարկաւ ու անիկա մեռաւ։
28 Երբ Դաւիթ լսեց՝ ըսաւ. «Ես ու իմ թագաւորութիւնս Ներեան Աբեններին արիւնէն յաւիտեան անպարտ ենք Տէրոջը առջեւ։ 29 Յովաբին գլխուն վրայ ու անոր հօրը բոլոր տանը վրայ հասնի ու Յովաբին տունէն սերմնակաթ, բորոտ, ցուպի կռթնող, սրով ինկող ու հացի կարօտ պակաս չըլլայ»։ 30 Այսպէս Յովաբ ու անոր եղբայրը Աբեսսա Աբենները մեռցուցին, քանզի անիկա անոնց եղբայրը Ասայէլը պատերազմի ժամանակ Գաբաւոնի մէջ մեռցուցեր էր։

ԱԲԵՆՆԵՐ ԿԸ ԹԱՂՈՒԻ

31 Դաւիթ Յովաբին ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Հանդերձնիդ պատռեցէ՛ք ու քուրձեր հագէ՛ք եւ Աբեններին առջեւէն լացէ՛ք»։ Դաւիթ թագաւորը դագաղին ետեւէն գնաց։ 32 Աբենները Քեբրոնի մէջ թաղեցին ու թագաւորը ձայնը վերցուց ու Աբեններին գերեզմանին վրայ լացաւ։ Բոլոր ժողովուրդն ալ լացաւ։
33 Թագաւորը Աբեններին համար ողբաց ու ըսաւ.
«Միթէ Աբեններ այնպէ՞ս մեռաւ,
Ինչպէս անզգամ մարդ մը կը մեռնի։
34 Քու ձեռքերդ կապուած չէին
Ու ոտքերդ կապանքի մէջ դրուած չէին.
Անօրէններուն առջեւ ինկողի մը պէս ինկար»։
Բոլոր ժողովուրդը նորէն անոր վրայ լացաւ։ 35 Եւ քանի որ ցորեկ էր, բոլոր ժողովուրդը եկաւ որ Դաւիթին հաց կերցնեն. բայց Դաւիթ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ արեւին մտնելէն առաջ հաց կամ ուրիշ բան մը ճաշակեմ»։ 36 Բոլոր ժողովուրդը ուշադրութիւն ըրաւ ու այս բանը իրենց աչքին հաճոյ երեւցաւ՝ ինչպէս թագաւորին ամէն ըրածը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն հաճոյ կ’երեւնար։ 37 Այն օրը բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր Իսրայէլ հասկցաւ, որ Ներեան Աբեններին մեռցուիլը թագաւորին կամքովը չէր։ 38 Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ այսօր Իսրայէլի մէջ մեծ զօրավար մը ինկաւ։ 39 Ես այսօր տկար եմ, թէպէտեւ թագաւոր օծուեցայ ու մարդիկը՝ Շարուհեայի որդիները՝ ինծի համար դաժան են. Տէրը հատուցանէ չարութիւն ընողին անոր չարութեանը համեմատ»։

ՅԵԲՈՒՍԹԷՆ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ

1 Սաւուղին որդին Յեբուսթէն, երբ Աբեններին Քեբրոնի մէջ մեռնիլը լսեց, ձեռքերը թուլցան ու բոլոր Իսրայէլ տագնապեցաւ։ Սաւուղին որդին երկու գնդապետ ունէր, մէկուն անունը՝ Բաանա ու միւսին անունը Ռեքաբ էր։ Ասոնք Բենիամինին ցեղէն Բերովթացի Ռեմօնին որդիներն էին. (քանզի Բերովթ ալ Բենիամինեաններուն քաղաքը կը սեպուէր Ու Բերովթացիները Գեթթայիմ փախան եւ հոն մինչեւ այսօր պանդուխտի պէս բնակեցան։) Սաւուղին որդին Յովնաթան ոտքերը կաղ տղայ մը ունէր, որը՝ երբ Սաւուղին ու Յովնաթանին մահուան լուրը Յեզրայէլէն եկաւ՝ հինգ տարեկան էր։ Անոր դայեակը զանիկա առաւ ու փախաւ։ Երբ փախչելու կը փութար, տղան ինկաւ կաղ եղաւ։ Անոր անունը Մեմփիբոսթէ էր։ Բերովթացի Ռեմօնին որդիները՝ Ռեքաբ ու Բաանա՝ գացին ու ցորեկուան տաք ատենը Յեբուսթէին տունը մտան։ Անիկա կէսօրուան ատեն պառկեր կը քնանար։ Դռնապանուհին ալ, որ ցորեն կը մաքրէր, թմրելով քնացած էր։ Ռեքաբ եւ իր եղբայրը Բաանա, բարեկամութիւն կեղծելով տունը մտան։ Յեբուսթէ ներքին սենեակը իր անկողնին մէջ կը քնանար, զանիկա զարկին մեռցուցին եւ անոր գլուխը կտրեցին ու գլուխը առնելով՝ բոլոր գիշերը դաշտին ճամբովը գացին։ Յեբուսթէին գլուխը Քեբրոն տարին Դաւիթին ու թագաւորին ըսին. «Ահա քու թշնամիիդ, քու կեանքդ փնտռող Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին գլուխը։ Տէրը Սաւուղէն ու անոր սերունդէն այսօր վրէժը առաւ»։ Դաւիթ Բերովթացի Ռեմօնին որդիներուն, Ռեքաբին ու անոր եղբօրը Բաանային պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ հոգիս ամէն նեղութենէ ազատող Տէրը կենդանի է, 10 Որ՝ ա՛ն որ ինծի պատմեց ու ըսաւ թէ ‘Սաւուղ մեռաւ’, կարծելով թէ աւետիս տուող մը պիտի երեւնայ ինծի, զանիկա բռնեցի ու Սիկելակի մէջ զանիկա մեռցուցի եւ անոր տուած աւետիսին վարձքը այդ եղաւ։ 11 Ո՜րչափ աւելի նոյն վարձքը կը վայլէ այն չար մարդոց, որոնք արդար մարդ մը իր տանը մէջ իր անկողնին վրայ մեռցուցին։ Հիմա անոր արիւնը անշուշտ ձեր ձեռքէն պիտի պահանջեմ ու ձեզ երկրիս վրայէն պիտի վերցնեմ»։ 12 Այն ատեն Դաւիթ իր մանչերուն հրամայեց ու զանոնք մեռցուցին եւ անոնց ձեռքերն ու ոտքերը կտրեցին ու Քեբրոնի աւազանին վրայ կախեցին։ Իսկ Յեբուսթէին գլուխը առին ու Քեբրոնի մէջ Աբեններին գերեզմանին մէջ թաղեցին։

ԴԱՒԻԹ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ԸԼԼԱՅ

(Ա Մնաց. 11։1-9, 14։1-7)

1 Իսրայէլին բոլոր ցեղերը Քեբրոն եկան Դաւիթին ու անոր ըսին. «Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք։ Ասկէ առաջ ալ՝ երբ Սաւուղ մեր վրայ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դուն էիր եւ Տէրը քեզի ըսաւ. ‘Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ դուն պիտի հովուես ու Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլաս’»։ Իսրայէլին բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին ու Դաւիթ թագաւորը Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց հետ դաշնակցութիւն ըրաւ։ Անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին։
Դաւիթ երեսուն տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Քեբրոնի մէջ Յուդայի վրայ եօթը տարի ու վեց ամիս թագաւորութիւն ըրաւ ու Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի ու Յուդայի վրայ երեսունըերեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
Թագաւորը իր մարդոցմով Երուսաղէմ գնաց, այն երկիրը բնակող Յեբուսացիներուն վրայ։ Ու Դաւիթին խօսեցան՝ ըսելով. «Եթէ կոյրերն ու կաղերը չվերցնես, հոս պիտի չմտնես», կարծելով թէ Դաւիթ չի կրնար հոն մտնել։ Բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաքը կը կոչուի։) Դաւիթ այն օրը ըսաւ. «Ով որ Յեբուսացիները զարնէ ու ջրանցքը հասնելով Դաւիթին ատելի կաղերն ու կոյրերը վերցնէ, անիկա զօրագլուխ պիտի ըլլայ»։ Անոր համար կ’ըսեն՝ ‘Կոյրն ու կաղը տունը չմտնէ’։ Դաւիթ այն բերդին մէջ նստաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը անուանեց։ Դաւիթ անոր չորս կողմը Մելօնէ դէպի ներս շէնքեր շինեց։ 10 Դաւիթ երթալով կը մեծնար ու զօրքերու Տէր Աստուածը անոր հետ էր։
11 Տիւրոսի թագաւորը՝ Քիրամ՝ Դաւիթին դեսպաններ ղրկեց, նաեւ եղեւնափայտեր ու հիւսներ ու որմնադիրներ, որոնք Դաւիթին տուն շինեցին։ 12 Այն ատեն Դաւիթ իմացաւ որ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատեց ու իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլին համար՝ իր թագաւորութիւնը բարձրացուց։ 13 Դաւիթ Քեբրոնէն գալէն ետքը՝ Երուսաղէմէն ուրիշ հարճեր ու կիներ ալ առաւ։ Դաւիթին ուրիշ տղաքներ ու աղջիկներ ալ ծնան։ 14 Երուսաղէմի մէջ անոր ծնած տղոցը անունները ասոնք են՝ Սամաա, Սովբաբ, Նաթան, Սողոմոն, 15 Յեբաար, Եղիսուա, Նաբեկ, Յափիէ, 16 Եղիսամա, Եղիադա ու Եղիփաղէտ։

ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

(Ա Մնաց. 14։8-17)

17 Փղշտացիները Դաւիթին Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծուիլը լսելով, բոլոր Փղշտացիները ոտքի ելան, որպէս զի Դաւիթը փնտռեն։ Երբ Դաւիթ այս բանը լսեց՝ բերդը իջաւ։ 18 Փղշտացիները եկան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։ 19 Ու Դաւիթ Տէրոջը հարցուց. «Փղշտացիներուն դէմ ելլե՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս»։ Տէրը Դաւիթին ըսաւ. «Ելի՛ր, քանզի Փղշտացիները անշուշտ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։ 20 Այն ատեն Դաւիթ Բաաղ–Փարասին գնաց ու զանոնք հոն զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրը իմ թշնամիներս իմ ձեռքովս պատռտեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատռտեն»։ Անոր համար այն տեղին անունը Բաաղփարասին կոչուեցաւ։
21 Փղշտացիները հոն թողուցին իրենց կուռքերը։ Դաւիթ ու իր մարդիկը զանոնք առին։
22 Ու Փղշտացիները նորէն ելան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։ 23 Երբ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց, Տէրը ըսաւ. «Մի՛ ելլեր. հապա անոնց ետեւի կողմը դառնալով՝ թթենիներուն կողմէն անոնց վրայ գնա 24 Ու երբ թթենիներուն գլուխը քալուածքի մը ձայն լսես, այն ատեն շարժիր, քանզի այն ատեն Տէրը քու առջեւէդ պիտի ելլէ Փղշտացիներուն բանակը զարնելու համար»։ 25 Եւ Դաւիթ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեց ու Գաբայէն մինչեւ Գազեր Փղշտացիները զարկաւ։

ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻ

(Ա Մնաց. 13։1-14, 15։25–16։6, 43)

1 Դաւիթ նորէն Իսրայէլէն երեսուն հազար ընտրուած մարդիկ հաւաքեց Ու Դաւիթ իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով ելաւ եւ Յուդայի Բաաղը գնաց, որպէս զի անկէ Աստուծոյ տապանակը վեր հանէ, որուն քերովբէներուն վրայ նստող զօրութեան Տէրոջը անունը տրուած է։ Աստուծոյ տապանակը նոր սայլի մը վրայ դրին ու զանիկա Բլրացի Աբինադաբին տունէն վերցուցին։ Աբինադաբին որդիները՝ Ոզա ու Աքիով՝ այն նոր սայլը կը վարէին։ Զանիկա Աստուծոյ տապանակին հետ Բլրացի Աբինադաբին տունէն հանեցին ու Աքիով տապանակին առջեւէն կ’երթար։ Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը մայրիի փայտէ շինուած ամէն տեսակ նուագարաններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, դափերով ու ծնծղաներով Տէրոջը առջեւ կը խաղային։
Երբ Նաքոնին կալը եկան, Ոզա իր ձեռքը Աստուծոյ տապանակին երկնցուց ու զանիկա բռնեց, քանզի եզները զանիկա ծռեր էին։ Եւ Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ոզային դէմ ու զանիկա՝ հո՛ն այս յանցանքին համար՝ զարկաւ, որը նոյն տեղը Աստուծոյ տապանակին քով մեռաւ։ Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ ու այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Փարէս–Ոզա կոչուեցաւ։ Դաւիթ այն օրը Տէրոջմէ վախցաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը տապանակը ի՞նչպէս իմ քովս պիտի մտնէ»։ 10 Դաւիթ Տէրոջը տապանակը իր քով՝ Դաւիթին քաղաքը՝ չուզեց տանիլ, այլ զանիկա Գեթացի Աբդեդօմին տունը դարձուց։ 11 Եւ Տէրոջը տապանակը Գեթացի Աբդեդօմին տունը երեք ամիս մնաց։ Տէրը Աբդեդօմն ու անոր բոլոր տունը օրհնեց։
12 Դաւիթ թագաւորին պատմեցին ու ըսին. «Աստուծոյ տապանակին համար Տէրը Աբդեդօմին տունը ու անոր ամէն ունեցածը օրհնեց»։ Դաւիթ գնաց ու Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմին տունէն ուրախութեամբ Դաւիթին քաղաքը բերաւ։ 13 Տէրոջը տապանակը վերցնողները վեց քայլ առաջ գացին, արջառներ ու պարարտ զուարակներ զոհեց 14 Եւ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ բոլոր ուժովը խաղցաւ։ Դաւիթ քթանէ եփուտ հագեր էր։ 15 Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը տապանակը ուրախութեամբ ու փողերու ձայներով տարին։ 16 Երբ Տէրոջը տապանակը Դաւիթին քաղաքը եկաւ, Սաւուղին աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայելով՝ տեսաւ որ Դաւիթ թագաւորը Տէրոջը առջեւ ցատկռտելով կը խաղայ, ուստի զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց։ 17 Տէրոջը տապանակը բերին ու զանիկա իր տեղը դրին այն վրանին մէջ, որ Դաւիթ անոր համար կանգնեցուցեր էր։ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։ 18 Դաւիթ, երբ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը լմնցուց, զօրքերու Տէրոջ անունով ժողովուրդը օրհնեց։ 19 Իսրայէլի բոլոր բազմութեանը, այր մարդէն մինչեւ կին մարդը, բոլոր ժողովուրդին ամէն մէկուն մէկ նկանակ, կտոր մը միս ու կարկանդակ մը բաժնեց ու բոլոր ժողովուրդը՝ ամէն մէկը իր տունը գնաց։
20 Դաւիթ անկէ դարձաւ իր տունը օրհնելու համար։ Սաւուղին աղջիկը Մեղքող Դաւիթը դիմաւորելու ելաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլի թագաւորը այսօր ի՜նչ փառաւոր էր, երբ իր ծառաներուն եւ աղախիններուն առջեւ ինքզինք մերկացուց՝ ինչպէս սրիկաներէն մէկը ինքզինք կը մերկացնէ»։ 21 Դաւիթ Մեղքողին ըսաւ. «Ես այն Տէրոջը առջեւ խաղացի, որ զիս քու հօրմէդ ու անոր բոլոր տունէն աւելի ընտրեց ու զիս Տէրոջը ժողովուրդին Իսրայէլին վրայ իշխան դրաւ։ Այո՛, ես այն Տէրոջը առջեւ կը խաղամ։ 22 Զիս ասկէ աւելի անարգ երեւցնելով՝ քու աչքերուդ առջեւ նուաստ ալ երեւնամ. Իսկ այն քու ըսած աղախիններուդ առջեւ պիտի փառաւորուիմ»։ 23 Սաւուղին աղջիկը՝ Մեղքող՝ մինչեւ իր մահուան օրը զաւակ չծնաւ։

ՆԱԹԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԴԱՒԻԹԻՆ

(Ա Մնաց. 17։1-15)

1 Երբ թագաւորը իր տունը նստաւ, Տէրը զանիկա իր բոլորտիքը եղող բոլոր թշնամիներէն ազատելով հանգստացուց, Թագաւորը Նաթան մարգարէին ըսաւ. «Ահա ես եղեւնափայտէ շինուած տան մը մէջ կը բնակիմ, բայց Աստուծոյ տապանակը վրանի մէջ կեցեր է»։ Նաթան ըսաւ թագաւորին. «Գնա՛, բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ՛, քանզի Տէրը քեզի հետ է»։
Նոյն գիշերը Տէրոջը խօսքը Նաթանին եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, իմ ծառայիս Դաւիթին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դո՞ւն ինծի բնակելու համար տուն պիտի շինես։ Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր տան մէջ չբնակեցայ, այլ վրաններով ու խորաններով պտըտեցայ։ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն հետ որչափ տեղ որ պտըտեցայ, միթէ բան մը խօսեցա՞յ Իսրայէլի ցեղերէն մէկուն հետ, որոնց իմ ժողովուրդս Իսրայէլը հովուելու հրաման տուեր էի ու ըսի՞ թէ «ինչո՞ւ համար ինծի եղեւնափայտէ տուն մը չշինեցիք»’։ Հիմա իմ ծառայիս Դաւիթին գնա՛ ու ըսէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ փարախէն, ոչխարներուն ետեւէն առի, որպէս զի իմ Իսրայէլ ժողովուրդիս վրայ առաջնորդ ըլլաս Եւ ուր որ կ’երթայիր՝ քեզի հետ էի եւ քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտորեցի ու երկրի վրայ եղող մեծերուն անուանը պէս քու անունդ մեծցուցի։ 10 Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ մը պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ, որ իր տեղը բնակի ու ալ չշարժի։ Անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս անգամ մըն ալ պիտի չնեղեն զանիկա, 11 ինչպէս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ դատաւորներ դրած օրէս ի վեր եղաւ ու քեզ քու ամէն թշնամիներէդ պիտի հանգստացնեմ։ Տէրը քեզի կ’իմացնէ թէ Տէրը քեզի տուն պիտի շինէ։ 12 Երբ քու օրերդ լեցուին ու դուն քու հայրերուդ հետ քնանաս, քեզմէ ետքը քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ։ 13 Անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ ու անոր թագաւորութեան աթոռը յաւիտեան պիտի կանգնեմ. 14 Ես անոր հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ։ Եթէ անիկա անիրաւութիւն ընէ, ես զանիկա մարդոց գաւազանովն ու մարդոց որդիներուն հարուածներովը պիտի պատժեմ. 15 Բայց իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ, ինչպէս Սաւուղէն վերցուցի ու զանիկա քու առջեւէդ վռնտեցի։ 16 Եւ քու տունդ ու թագաւորութիւնդ քու առջեւդ յաւիտեան ապահով պիտի ըլլան, քու աթոռդ յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ’»։ 17 Նաթան այս բոլոր խօսքերն ու այս բոլոր տեսիլքը մէկիկ մէկիկ Դաւիթին պատմեց։

ԴԱՒԻԹԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ

(Ա Մնաց. 17։16-27)

18 Այն ատեն Դաւիթ թագաւորը գնաց, Տէրոջը առջեւ նստաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ես ո՞վ եմ ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչեւ հոս բերիր։ 19 Սակայն ասիկա ալ քու աչքերուդ պզտիկ երեւցաւ, ո՛վ Տէր Եհովա ու քու ծառայիդ տանը վրայով հեռաւոր ժամանակի համար ալ խօսեցար։ Մարդոց սովորութիւնը ասիկա՞ է արդեօք, ո՛վ Տէր Եհովա։ 20 Դաւիթ նորէն քեզի ի՞նչ ըսէ. Քանզի՝ դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, քու ծառադ կը ճանչնաս։ 21 Այս բոլոր մեծ բաները քու խօսքիդ համար ու քու սրտիդ պէս ըրիր, որպէս զի ծառայիդ գիտցնես։ 22 Ասոր համար մեծ երեւցար, ո՛վ Տէր Աստուած. քանզի քեզի պէս ուրիշ մէկը չկայ ու քեզմէ զատ Աստուած չկայ՝ մեր ականջներովը մեր բոլոր լսածներուն համեմատ։ 23 Ո՞ր ազգը երկրի վրայ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս է, որուն համար նոյն ինքն Աստուած եկաւ զանիկա փրկելու, իրեն ժողովուրդ ընելու ու իրեն մեծ անուն վաստկելու եւ քու երկրիդ մէջ այս մեծ ու սոսկալի բաները ընելու, քեզի համար Եգիպտոսէն ազատած ժողովուրդիդ առջեւէն ազգերն ու անոնց աստուածները վռնտելով։ 24 Եւ քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը՝ յաւիտեան քեզի ժողովուրդ հաստատեցիր ու դուն, ո՛վ Տէր, անոնց Աստուած եղար։ 25 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, քու ծառայիդ համար ու անոր տանը համար ըսած խօսքդ յաւիտեան հաստատէ ու ըսածիդ պէս ըրէ 26 Եւ քու անունդ յաւիտեան մեծ ճանչցուի ու ըսեն թէ ‘Զօրութեան Տէրը Իսրայէլի վրայ Աստուած է’ ու քու ծառայիդ Դաւիթին տունը քու առջեւդ հաստատ մնայ։ 27 Քանզի դուն, ո՛վ Տէր զօրութեան, Աստուա՛ծ Իսրայէլի, քու ծառայիդ յայտնեցիր ու ըսիր՝ ‘Քեզի տուն պիտի շինեմ’. ասոր համար ծառադ իր սրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ այս աղօթքը քեզի ընելու։ 28 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Եհովա, այն Աստուածը դուն ես ու քու խօսքերդ ճշմարիտ են եւ քու ծառայիդ այս աղէկութիւնը խոստացար։ 29 Ուստի հիմա կամք ըրէ քու ծառայիդ տունը օրհնելու, որպէս զի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. Քանզի, ո՛վ Տէր Եհովա, դուն ըսիր ու քու օրհնութիւնովդ ծառայիդ տունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ»։

ԴԱՒԻԹԻՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ

(Ա Մնաց. 18։ 1-17)

1 Անկէ յետոյ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք նուաճեց եւ Փղշտացիներուն ձեռքէն Մեթեկամման առաւ։ Նաեւ Մովաբը զարկաւ ու գետինը պառկեցնելով զանոնք լարով չափեց. երկու լարով մեռցնելու չափեց ու մէկ ամբողջ լարով ապրեցնելու։ Մովաբացիք Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։ Դաւիթ Սուբայի թագաւորը, Ռուբին որդին Ադրազարը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու կ’երթար։ Դաւիթ անկէ հազար եօթը հարիւր ձիաւոր ու քսան հազար հետեւակ զօրք բռնեց։ Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց։ Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարին օգնութիւն ընելու եկան։ Դաւիթ Ասորիներէն քսանըերկու հազար մարդ զարկաւ։ Դաւիթ Դամասկոսի Ասորիներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու Ասորիները Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։ Դաւիթ Ադրազարին ծառաներուն ոսկիէ վահանները առաւ ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ։ Ադրազարին քաղաքներէն՝ Բեթահէն ու Բերոթայէն՝ խիստ շատ պղինձ առաւ։
Եմաթին թագաւորը՝ Թովու, երբ լսեց թէ Դաւիթ Ադրազարին բոլոր զօրքերը ջարդեր է, 10 Իր որդին Յովրամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարեւ տանի ու զանիկա օրհնէ, Ադրազարին դէմ պատերազմ ընելուն ու զանիկա զարնելուն համար։ (Քանզի Ադրազար Թովուին հետ պատերազմներ կ’ընէր։) Յովրամին ձեռքը արծաթէ անօթներ, ոսկիէ անօթներ ու պղնձէ անօթներ կային։ 11 Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց, միւս նուիրած արծաթին ու ոսկիին հետ, որոնք բոլոր իր յաղթած ազգերէն առեր էր՝ 12 Ասորիներէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն, Ամաղէկէն եւ Սուբայի թագաւորին, Ռուբին որդիին Ադրազարին աւարէն։ 13 Դաւիթ երբ Աղի ձորին մէջ տասնըութը հազար Ասորիներ կոտորեց ու ետ դարձաւ, մեծ անուն վաստկեցաւ։ 14 Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ. բոլոր Եդովմի երկրին մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ եւ բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթին ծառայ եղան ու Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
15 Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Դաւիթ իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէր։ 16 Շարուհեայի որդին Յովաբը զօրքերուն վրայ էր ու Աքիղուդի որդին Յովսափատը յիշատակներու դպիր էր 17 Եւ Աքիտովբի որդին Սադովկը ու Աբիաթարի որդին Աքիմելէքը քահանաներ էին ու Սարայիան ատենադպիր էր 18 Եւ Յովիադային որդին Բանիան՝ Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր ու Դաւիթին որդիները նախարարներ էին։

ԴԱՒԻԹԸ ԵՒ ՄԵՄՓԻԲՈՍԹԷՆ

1 Դաւիթ հարցուց. «Արդեօք Սաւուղին տունէն մնացած մարդ մը կա՞յ, որ Յովնաթանին սիրոյն համար անոր բարերարութիւն ընեմ»։ Սաւուղին տունէն Սիբա անունով ծառայ մը կար։ Զանիկա Դաւիթին կանչեցին։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Սիբան դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ծառադ եմ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Սաւուղին տունէն մնացած մարդ մը չկա՞յ, որպէս զի անոր Աստուծոյ ողորմութիւնը ընեմ»։ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Յովնաթանէն՝ ոտքերը կաղ որդի մը մնաց»։ Թագաւորը ըսաւ անոր. «Անիկա ո՞ւր է»։ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Ահա անիկա Լադաբարի մէջ Ամիէլի որդիին Մաքիրին տունն է»։ Դաւիթ թագաւորը մարդ ղրկեց ու զանիկա Լադաբարի Ամիէլին որդիին Մաքիրին տունէն բերաւ։ Սաւուղին որդիին՝ Յովնաթանին որդին Մեմփիբոսթէ, երբ Դաւիթին եկաւ, երեսի վրայ ինկաւ ու խոնարհութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա քու ծառադ»։ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի քու հօրդ Յովնաթանին սիրոյն համար քեզի անշուշտ բարերարութիւն պիտի ընեմ ու քու հօրդ Սաւուղին բոլոր արտերը քու վրադ պիտի դարձնեմ ու դուն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես»։ Անիկա խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Քու ծառադ ո՞վ է, որ ինծի պէս մեռած շան մը վրայ նայեցար»։ Իսկ թագաւորը Սաւուղին ծառան Սիբան կանչեց ու անոր ըսաւ. «Սաւուղին ու անոր տանը բոլոր ստացուածքը քու տիրոջդ որդիին տուի։ 10 Դուն ու քու որդիներդ ու ծառաներդ անոր երկիրը մշակեցէք ու անոր պտուղը իրեն բերէք, որպէս զի քու տիրոջդ որդին ուտելու հաց ունենայ եւ քու տիրոջդ որդին Մեմփիբոսթէն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ»։ 11 Եւ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Իմ թագաւոր տէրս քու ծառայիդ ինչ որ հրամայեց, քու ծառադ այնպէս պիտի ընէ»։ Բայց Մեմփիբոսթէն (ըսաւ Դաւիթ,) թագաւորին որդիներէն մէկուն պէս՝ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ։ 12 Ու Մեմփիբոսթէն պզտիկ տղայ մը ունէր, որուն անունը Միքա էր։ Սիբային տունը բնակողները Մեմփիբոսթէին ծառաներն էին։ 13 Մեմփիբոսթէն Երուսաղէմի մէջ բնակեցաւ, քանզի միշտ թագաւորին սեղանը հաց կ’ուտէր ու անիկա իր երկու ոտքերովը կաղ էր։

ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԱՄՄՈՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ

10 1 Անկէ յետոյ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը մեռաւ ու անոր որդին Անոն անոր տեղ թագաւոր եղաւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Նաասի որդիին՝ Անոնին՝ մարդասիրութիւն ընեմ, ինչպէս անոր հայրը ինծի մարդասիրութիւն ըրաւ»։ Դաւիթ իր ծառաները անոր ղրկեց, որպէս զի զանիկա իր հօրը համար մխիթարեն։ Դաւիթին ծառաները Ամմոնի որդիներուն երկիրը գացին։ Ամմոնի որդիներուն իշխանները իրենց տիրոջը Անոնին ըսին. «Միթէ Դաւիթ քու հայրդ քու առջեւդ պատուելո՞ւ համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց։ Չէ՞ որ Դաւիթ իր ծառաները քեզի ղրկեց, որպէս զի ետքը զանիկա կործանէ»։ Անոն Դաւիթին ծառաները առաւ ու անոնց մօրուքին կէսը ածիլել տուաւ ու անոնց հանդերձներուն ալ կէսը մինչեւ նստելու տեղը կտրել տուաւ եւ այնպէս ղրկեց զանոնք։ Երբ այս բանը Դաւիթին պատմուեցաւ, զանոնք դիմաւորելու մարդ ղրկեց, քանզի այն մարդիկը շատ անարգուեր էին ու թագաւորը ըսաւ. «Երիքովի մէջ նստեցէք մինչեւ մօրուքնիդ աճի ու ետքը եկէք»։
Ամմոնի որդիները տեսնելով որ Դաւիթին հետ աւրուեցան, մարդ ղրկեցին ու Բեթրոոբի Ասորիներէն եւ Սուբայի Ասորիներէն քսան հազար հետեւակ ու Մաաքայի թագաւորէն հազար մարդ եւ Իստովբէ տասներկու հազար մարդ վարձքով բռնեցին։ Երբ Դաւիթ լսեց, Յովաբն ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց։ Ամմոնի որդիները ելան ու քաղաքին դրանը առջեւ կարգաւ պատերազմի շարուեցան, բայց Սուբայի եւ Րոոբի Ասորիները ու Իստովբ ու Մաաքա դաշտի մէջ զատ կայնեցան։ Յովաբ երբ տեսաւ թէ պատերազմը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ պիտի հասնի, Իսրայէլի բոլոր ընտրուած մարդոցմէն ընտրեց ու Ասորիներուն դէմ պատերազմի շարեց 10 Եւ մնացած զօրքը իր եղբօրը Աբեսսային յանձնեց, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն դէմ շարէ։ 11 Ու ըսաւ. «Եթէ Ասորիները ինծի յաղթելու ըլլան, ինծի օգնութեան հասիր եւ եթէ Ամմոնի որդիները քեզի յաղթելու ըլլան, ես քեզի օգնութեան պիտի հասնիմ։ 12 Քաջասիրտ եղի՛ր ու մեր ժողովուրդին համար եւ մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժով պատերազմինք ու Տէրը իր աչքին հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։ 13 Յովաբ իրեն հետ եղող զօրքով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէս զի անոնց դէմ պատերազմ ընէ ու անոնք իրեն առջեւէն փախան։ 14 Ամմոնի որդիները Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով, իրենք ալ Աբեսսային առջեւէն փախան ու քաղաքը մտան։ Յովաբ Ամմոնի որդիներէն դարձաւ ու Երուսաղէմ եկաւ։
15 Երբ Ասորիները տեսան թէ իրենք Իսրայէլին առջեւ կոտորուեցան, մէկտեղ հաւաքուեցան։ 16 Ու Ադրազար մարդ ղրկեց եւ Գետին անդիի կողմը եղող Ասորիները ոտքի հանեց ու Էլամ եկան։ Անոնց առջեւէն Ադրազարի զօրագլուխը Սովբակ կ’երթար։ 17 Երբ Դաւիթին պատմեցին, անիկա բոլոր Իսրայէլը հաւաքելով՝ Յորդանանէն անցաւ ու Էլամ հասաւ։ Ասորիները Դաւիթին դէմ գունդերով շարուեցան ու անոր հետ պատերազմ ըրին։ 18 Ասորիները Իսրայէլին առջեւէն փախան ու Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հարիւր կառք ու քառասուն հազար ձիաւոր կոտորեց ու անոնց զօրագլուխը Սովբակը զարկաւ, որ հոն մեռաւ։ 19 Ադրազարի հպատակ եղող բոլոր թագաւորները, երբ տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցան, Իսրայէլին հետ հաշտութիւն ըրին ու անոր ծառայ եղան եւ Ասորիները անկէ ետքը Ամմոնի որդիներուն օգնելու կը վախնային։

ԴԱՒԻԹ ԵՒ ԲԵՐՍԱԲԷ

11 1 Հետեւեալ տարին, թագաւորներուն պատերազմի ելլելու ատենը, Դաւիթ Յովաբը ու անոր հետ իր ծառաներն ու բոլոր Իսրայէլը ղրկեց, որոնք Ամմոնացիները կոտորեցին ու Ռաբբան պաշարեցին. բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը նստէր։ Օր մը՝ իրիկուան դէմ՝ Դաւիթ իր անկողնէն ելլելով պալատին տանիքին վրայ կը պտըտէր։ Տանիքին վրայէն կին մը տեսաւ, որ կը լուացուէր։ Այն կինը տեսքով խիստ գեղեցիկ էր։ Եւ Դաւիթ մարդ ղրկեց ու այն կնոջ համար հարցուց։ Մէկը ըսաւ. «Ասիկա Քետացի Ուրիային կինը, Էլիամին աղջիկը, Բերսաբէն է»։ Դաւիթ պատգամաւորներ ղրկեց ու զանիկա կանչեց։ Երբ կինը անոր եկաւ, Դաւիթ անոր հետ պառկեցաւ։ Անիկա իր անմաքրութենէն դեռ նոր մաքրուած էր։ Ետքը կինը իր տունը գնաց։ Կինը յղացաւ ու Դաւիթին լուր ղրկեց՝ ըսելով. «Ես յղի եմ»։ Դաւիթ Յովաբին հրաման ղրկեց ու ըսաւ. «Քետացի Ուրիան ինծի ղրկէ»։ Յովաբն ալ Ուրիան Դաւիթին ղրկեց։ Երբ Ուրիա անոր եկաւ, Դաւիթ Յովաբին ողջութիւնը ու զօրքին ողջութիւնը ու պատերազմին վիճակը հարցուց։ Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Տունդ իջիր ու ոտքերդ լուա՛»։ Ուրիա թագաւորին պալատէն ելածին պէս, անոր ետեւէն թագաւորէն պարգեւ գնաց։ Բայց Ուրիա իր տիրոջը բոլոր ծառաներուն հետ՝ պալատին դուռը պառկեցաւ ու իր տունը չիջաւ։ 10 Երբ Դաւիթին պատմեցին ու ըսին թէ՝ Ուրիա իր տունը չիջաւ, Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Դուն ճամբայէ չե՞ս եկեր, ինչո՞ւ համար քու տունդ չես իջներ»։ 11 Ուրիա ըսաւ Դաւիթին. «Տապանակը ու Իսրայէլը ու Յուդան վրաններու մէջ կը նստին եւ իմ տէրս Յովաբն ու իմ տիրոջս ծառաները բաց դաշտի մէջ կը բնակին, ես ուտելու ու խմելու եւ կնոջս հետ պառկելու համար իմ տո՞ւնս երթամ։ Դուն կենդանի ես ու քու հոգիդ կենդանի է, որ ես այդ բանը չեմ ըներ»։ 12 Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Այսօր ալ հոս մնացիր ու վաղը քեզ պիտի ղրկեմ»։ Ուրիա այն օրն ու հետեւեալ օրը Երուսաղէմի մէջ մնաց։ 13 Դաւիթ հրաւիրեց զանիկա, որ անոր առջեւ կերաւ, խմեց ու Դաւիթ զանիկա գինովցուց։ Ուրիա իրիկունը իր տիրոջը ծառաներուն քով իր անկողնին մէջ պառկեցաւ, բայց իր տունը չգնաց։ 14 Առաւօտուն Դաւիթ նամակ մը գրեց Յովաբին եւ Ուրիային ձեռքով ղրկեց։ 15 Նամակին մէջ գրեց ու ըսաւ. «Ուրիան խիստ սաստիկ պատերազմին մէջ դրէ՛ք ու դուք ե՛տ քաշուեցէք, որպէս զի զարնուի ու մեռնի»։ 16 Երբ Յովաբ քաղաքը պաշարեց, Ուրիան այնպիսի տեղ մը դրաւ՝ ուր զօրաւոր մարդոց գտնուիլը գիտէր։ 17 Քաղաքին մարդիկը ելան ու Յովաբին հետ պատերազմ ըրին եւ զօրքէն, Դաւիթին ծառաներէն ինկան ու Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ։ 18 Յովաբ պատգամաւոր մը ղրկեց ու պատերազմին բոլոր պարագաները Դաւիթին իմացուց։ 19 Պատգամաւորին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Պատերազմին բոլոր դիպուածները թագաւորին պատմելէդ ետքը, 20 Եթէ թագաւորին բարկութիւնը ելլէ ու քեզի ըսէ թէ ‘ինչո՞ւ պատերազմելու համար քաղաքին մօտեցաք. չէի՞ք գիտեր թէ պարսպէն նետ կը նետեն, 21 Յերոբաաղին որդին Աբիմելէքը ո՞վ մեռցուց. չէ՞ որ կին մը պարսպին վրայէն երկանաքարի կտոր մը նետեց անոր վրայ, որ անիկա Թեբէսի մէջ մեռաւ։ Պարսպին ինչո՞ւ մօտեցաք’, այն ատեն ըսէ՝ ‘Քու ծառադ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ’»։ 22 Պատգամաւորը գնաց ու Յովաբին բոլոր իրեն պատուիրածը Դաւիթին պատմեց։ 23 Պատգամաւորը Դաւիթին ըսաւ. «Այն մարդիկը մեր վրայ ուժովցան ու մեզի դէմ դաշտը ելան. բայց մենք մինչեւ քաղաքին դուռը հալածեցինք զանոնք։ 24 Աղեղնաւորները պարսպին վրայէն քու ծառաներուդ նետեր նետեցին ու թագաւորին ծառաներէն մէկ քանիները մեռան եւ քու ծառադ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ»։ 25 Այն ատեն Դաւիթ պատգամաւորին ըսաւ. «Յովաբին այսպէս ըսէ. ‘Այս բանը քու աչքերուդ գէշ չերեւնայ. Քանզի սուրը երբեմն ասիկա կ’ուտէ ու երբեմն՝ անիկա, քաղաքին վրայ պատերազմը սաստկացուր եւ զանիկա փլցուր’ ու դուն ալ քաջալերէ՛ զանիկա»։ 26 Ուրիային կինը իր էրկանը մեռնիլը լսելով՝ իր էրկանը համար սուգ ըրաւ։ 27 Երբ սուգը անցաւ, Դաւիթ մարդ ղրկեց ու զանիկա իր տունը առաւ եւ անիկա անոր կինը եղաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։ Բայց Դաւիթին այս ըրած բանը Տէրոջը աչքերուն գէշ երեւցաւ։

ՆԱԹԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵՒ ԴԱՒԻԹԻՆ ԶՂՋՈՒՄԸ

12 1 Տէրը Նաթանը Դաւիթին ղրկեց։ Նաթան գնաց եւ անոր ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ երկու մարդ կային, մէկը՝ հարուստ ու միւսը՝ աղքատ։ Հարուստը խիստ շատ հօտեր ու արջառներ ունէր, Բայց աղքատը ուրիշ բան մը չունէր, միայն էգ գառնուկ մը, որ ծախու առեր էր ու կը սնուցանէր։ Գառնուկը անոր հետ ու անոր տղոցը հետ մէկտեղ մեծցաւ։ Անոր պատառէն կ’ուտէր ու անոր գաւաթէն կը խմէր եւ անոր ծոցը կը պառկէր ու անոր՝ աղջկան մը պէս էր։ Ճամբորդ մը եկաւ այն հարուստ մարդուն, ան ալ չուզեց իր հօտերէն ու արջառներէն առնել ու իրեն եկող ճամբորդին կերակուր պատրաստել, գնաց այն աղքատ մարդուն էգ գառնուկը առաւ ու զանիկա իրեն եկող մարդուն համար պատրաստեց»։
Այն ատեն Դաւիթին բարկութիւնը այն մարդուն դէմ սաստիկ բորբոքեցաւ ու Նաթանին ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է։ Այն գառնուկին չորեքպատիկը պէտք է հատուցանէ, քանզի այս բանը ըրաւ ու գութ չունեցաւ»։ Այն ատեն Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես։ Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Իսրայէլի վրայ ե՛ս թագաւոր օծեցի ու քեզ Սաւուղին ձեռքէն ե՛ս ազատեցի Եւ տիրոջդ տունը քեզի ու տիրոջդ կիները քու ծոցդ տուի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի տունը քեզի տուի ու եթէ քիչ կ’երեւնար, քեզի ասոնցմէ աւելի բաներ կու տայի։ Ինչո՞ւ համար Տէրոջը խօսքը անարգեցիր անոր աչքերուն առջեւ չարութիւն ընելով եւ Ուրիային կինը քեզի կին առիր ու զանիկա Ամմոնի որդիներուն սրովը սպաննեցիր։ 10 Հիմա զիս անարգելուդ համար ու Քետացի Ուրիային կինը քեզի կին առնելուդ համար, քու տունէդ սուրը յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ։ 11 Եւ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու տունէդ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ ու քու աչքերուդ առջեւ քու կիներդ պիտի առնեմ եւ զանոնք քու դրացիիդ պիտի տամ ու անիկա այս արեգակին առջեւ քու կիներուդ հետ պիտի պառկի։ 12 Թէեւ դուն ծածկաբար ըրիր, բայց ես այս բանը բոլոր Իսրայէլին առջեւ ու արեգակին առջեւ պիտի ընեմ’»։ 13 Դաւիթ Նաթանին ըսաւ. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։ Եւ Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Տէրն ալ քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս 14 Եւ որովհետեւ այս բանով Տէրոջը թշնամիներուն հայհոյութիւն ընելու առիթ տուիր, անոր համար այս քեզի ծնած տղան անշուշտ պիտի մեռնի»։

ԴԱՒԻԹԻՆ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ՄԵՌՆԻ

15 Նաթան իր տունը գնաց։ Տէրը զարկաւ այն մանուկը, որ Ուրիային կինը Դաւիթին ծներ էր ու սաստիկ հիւանդացաւ։ 16 Դաւիթ մանուկին համար Աստուծոյ աղաչեց ու ծոմ պահեց ու գնաց բոլոր գիշերը գետնին վրայ պառկեցաւ։ 17 Անոր տանը ծերերը անոր քով գացին, որպէս զի զանիկա գետնէն վերցնեն. բայց անիկա չուզեց ու անոնց հետ հաց չկերաւ։ 18 Եօթներորդ օրը մանուկը մեռաւ։ Դաւիթին ծառաները մանուկին մեռնիլը անոր իմացնել վախցան, քանզի ըսին. «Ահա քանի որ մանուկը ողջ էր՝ անոր ըսինք ու անիկա մեր խօսքին մտիկ չըրաւ. Ի՞նչպէս անոր ըսենք թէ՝ ‘Մանուկը մեռաւ’, որ գէշ բան մը ընէ»։ 19 Բայց Դաւիթ իր ծառաներուն շշնջիւնը տեսնելով՝ իմացաւ որ մանուկը մեռեր է ու Դաւիթ իր ծառաներուն ըսաւ. «Մանուկը մեռա՞ւ»։ Անոնք ըսին. «Մեռաւ»։ 20 Այն ատեն Դաւիթ գետնէն ելաւ, լուացուեցաւ, օծուեցաւ, հանդերձները փոխեց ու Տէրոջը տունը մտնելով՝ երկրպագութիւն ըրաւ։ Յետոյ իր տունը դարձաւ եւ ուզեց ու անոր առջեւ հաց դրին ու կերաւ։ 21 Ծառաները անոր ըսին. «Այս ըրած բանդ ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանի որ մանուկը ողջ էր, անոր համար ծոմ պահեցիր ու լացիր. իսկ մանուկը մեռածին պէս ելար հաց կերար»։ 22 Դաւիթ ըսաւ. «Քանի որ մանուկը ողջ էր, ծոմ պահեցի ու լացի. քանզի ըսի. ‘Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած ինծի ողորմի ու մանուկը առողջանայ’։ 23 Բայց հիմա անիկա մեռած է, ինչո՞ւ համար ծոմ պահեմ. միթէ ես կրնա՞մ զանիկա ետ դարձնել։ Ես անոր պիտի երթամ, բայց անիկա ինծի պիտի չդառնայ»։

ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ԾՆԻ

24 Դաւիթ իր կինը Բերսաբէն մխիթարեց ու անոր քով մտաւ եւ անոր հետ պառկեցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Սողոմոն դրաւ։ Տէրը զանիկա սիրեց։ 25 Նաթան մարգարէին ձեռքով պատգամ ղրկեց եւ անոր անունը Տէրոջը համար Յեդիդիա կոչեց։

ԴԱՒԻԹ ՌԱԲԲԱՆ ԿԸ ԳՐԱՒԷ

(Ա Մնաց. 20։1-3)

26 Յովաբ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրաւ ու թագաւորանիստ քաղաքը առաւ։ 27 Յովաբ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրի ու ջուրերուն քաղաքը առի։ 28 Հիմա մնացած ժողովուրդը հաւաքէ ու քաղաքին դէմ բանակ դիր եւ զանիկա առ. չըլլայ որ քաղաքը ես առնեմ ու անոր վրայ իմ անունս դրուի»։ 29 Ուստի Դաւիթ բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց ու Ռաբբա գնաց եւ անոր դէմ պատերազմելով՝ զանիկա առաւ։ 30 Անոնց թագաւորին գլխէն թագը առաւ, որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր՝ պատուական քարերով զարդարուած։ Անիկա Դաւիթին գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ։ 31 Եւ անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց ու զանոնք սղոցներու ու երկաթէ կամնասայլերու ու երկաթէ տապարներու տակ դրաւ եւ զանոնք աղիւսէ փուռէ անցուց։ Ամմոնի որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ։

ԱՄՆՈՆ ԵՒ ԹԱՄԱՐ

13 1 Անկէ ետքը՝ Դաւիթին որդին Աբիսողոմ գեղեցիկ քոյր մը ունէր, որուն անունը Թամար էր։ Դաւիթին որդին Ամնոն զանիկա սիրեց։ Ամնոն իր քրոջ Թամարին սիրոյն համար հիւանդանալու չափ նեղացաւ. Քանզի անիկա կոյս աղջիկ ըլլալուն համար՝ անոր բան մը ընել Ամնոնին աչքերուն դժուար կ’երեւնար։ Ամնոն Յովնադաբ անունով բարեկամ մը ունէր, որ Դաւիթին եղբօրը Սամաայի որդին էր։ Յովնադաբ խիստ խորագէտ մարդ մըն էր Եւ Ամնոնին ըսաւ. «Ո՛վ թագաւորի տղայ, դուն ինչո՞ւ համար այդպէս օրէ օր կը հալիս. պատճառը ինծի չե՞ս յայտներ»։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Ես իմ եղբօրս Աբիսողոմին քրոջ Թամարին սիրահարած եմ»։ Յովնադաբ անոր ըսաւ. «Անկողնիդ մէջ պառկէ ու քեզ հիւանդ ձեւացուր ու երբ քու հայրդ քեզ տեսնելու գայ, անոր ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, որ իմ քոյրս Թամար ինծի գայ ու ինծի հաց կերցնէ ու իմ աչքերուս առջեւ կերակուր շինէ, որպէս զի տեսնեմ ու անոր ձեռքէն ուտեմ’»։ Ամնոն պառկեցաւ ու զինք հիւանդ ձեւացուց ու երբ թագաւորը զանիկա տեսնելու եկաւ, Ամնոն թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, իմ քոյրս Թամար թող գայ ու իմ աչքերուս առջեւ երկու բլիթ շինէ ու անոր ձեռքէն ուտեմ»։ Դաւիթ Թամարին մարդ ղրկեց տունը՝ ըսելով. «Ամնոն եղբօրդ տունը գնա ու անոր կերակուր շինէ»։ Թամար իր եղբօրը Ամնոնին տունը գնաց։ Անիկա պառկած էր։ Աղջիկը խմորը առաւ շաղեց ու անոր աչքերուն առջեւ բլիթներ շինեց ու եփեց Եւ տապակը առաւ ու անոր առջեւ պարպեց, բայց անիկա ուտել չուզեց։ Ամնոն ըսաւ. «Քովէս ամէն մարդ դուրս հանեցէք»։ Ամէն մարդ անոր քովէն դուրս ելաւ։ 10 Ամնոն Թամարին ըսաւ. «Կերակուրը սենեակը ներս բեր, որպէս զի ձեռքէդ ուտեմ»։ Թամար շինած բլիթները առաւ ու իր եղբօրը Ամնոնին սենեակը տարաւ եւ անոր մօտեցուց, որպէս զի ուտէ։ 11 Իսկ Ամնոն զանիկա բռնեց ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քոյրս, ինծի հետ պառկէ»։ 12 Թամար ըսաւ անոր. «Ո՛չ, եղբայրս, զիս մի՛ բռնադատեր. քանզի Իսրայէլի մէջ այդպիսի բան չ’ըլլար։ Այդ անզգամութիւնը մի՛ ըներ։ 13 Իմ նախատինքս ո՞ւր տանիմ։ Դուն ալ Իսրայէլի մէջ անզգամներէն մէկուն պէս պիտի ըլլաս։ Հիմա կ’աղաչեմ, թագաւորին ըսէ ու անիկա զիս քեզմէ չ’արգիլեր»։ 14 Բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց, հապա անկէ զօրաւոր ըլլալով՝ զանիկա բռնադատեց ու անոր հետ պառկեցաւ։ 15 Ետքը Ամնոն զանիկա խիստ շատ ատեց, այնպէս որ ունեցած ատելութիւնը առաջուան ունեցած սէրէն աւելի մեծ էր։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Ե՛լ գնա»։ 16 Թամար անոր ըսաւ. «Պատճառ չկայ։ Զիս վռնտելուդ չարութիւնը, միւս ինծի ըրածէդ աւելի մեծ է»։ Բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց։ 17 Եւ իրեն ծառայութիւն ընող մարդը կանչեց ու ըսաւ. «Ասիկա քովէս դուրս հանէ ու ետեւէն դուռը կղպէ»։ 18 (Եւ աղջկան վրայ բազմագոյն պատմուճան մը կար. Քանզի թագաւորին կոյս աղջիկները այսպիսի պատմուճան կը հագնէին։) Ու անոր ծառան զանիկա դուրս հանեց ու ետեւէն դուռը կղպեց։ 19 Թամար մոխիր առաւ ու իր գլխուն վրայ ցանեց ու իր վրայի բազմագոյն պատմուճանը պատռեց եւ ձեռքը իր գլխուն վրայ դրաւ ու լալով գնաց։ 20 Անոր եղբայրը Աբիսողոմ անոր ըսաւ. «Միթէ եղբայրդ Ամնոն քեզի հե՞տ եղաւ։ Հիմա, քո՛յրս, լուռ կեցիր, անիկա քու եղբայրդ է, ասիկա սիրտդ մի՛ դներ»։ Թամար իր եղբօրը Աբիսողոմին տունը անմխիթար կը նստէր։ 21 Դաւիթ թագաւորը այս ամէն բաները լսելով՝ խիստ բարկացաւ։ 22 Աբիսողոմ Ամնոնին հետ աղէկ կամ գէշ խօսք մը չխօսեցաւ, քանզի Աբիսողոմ Ամնոնը կ’ատէր՝ իր քոյրը Թամարը լլկելուն համար։

ԱԲԻՍՈՂՈՄԻՆ ՎՐԷԺԸ

23 Երկու տարի անցնելէն ետքը, երբ Աբիսողոմին ոչխարները Եփրեմին մօտ եղած Բաղաասօրին մէջ ասրակտուր կ’ընէին, Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները հրաւիրեց։ 24 Եւ Աբիսողոմ՝ թագաւորին գնաց ու անոր ըսաւ. «Ահա քու ծառայիդ ոչխարները ասրակտուր կ’ընեն, շնորհք ըրէ՛, թագաւորն ու անոր ծառաները քու ծառայիդ հետ երթան»։ 25 Թագաւորը Աբիսողոմին ըսաւ. «Ո՛չ, որդիս, ամէնքս չերթանք, որպէս զի քու վրադ ծանրութիւն չըլլանք»։ Աբիսողոմ ստիպեց. բայց Դաւիթ երթալ չուզեց ու զանիկա օրհնեց։ 26 Աբիսողոմ ըսաւ. «Եթէ ոչ՝ գոնէ իմ եղբայրս Ամնոն մեզի հետ թող գայ»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Անիկա ինչո՞ւ քեզի հետ երթայ»։ 27 Բայց Աբիսողոմ թագաւորը ստիպեց, մինչեւ որ Ամնոնն ու իր բոլոր որդիները անոր հետ ղրկեց։ 28 Աբիսողոմ իր մանչերուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, երբ Ամնոնին սիրտը գինիէն զուարթանայ ու ես ձեզի Ամնոնը զարկէ՛ք՝ ըսեմ, զանիկա մեռցուցէ՛ք. մի՛ վախնաք. չէ՞ որ ես ձեզի հրամայեցի. Քաջասիրտ ու զօրաւոր կտրիճներ եղէք»։ 29 Աբիսողոմին մանչերը Աբիսողոմին պատուիրածին պէս ըրին Ամնոնին։ Թագաւորին բոլոր որդիները ոտքի ելան եւ ամէն մէկը իր ջորին հեծնելով՝ փախան։ 30 Անոնք դեռ ճամբան ըլլալով, Դաւիթին լուր տարին ու ըսին. «Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները մեռցուց ու անոնցմէ մէ՛կը չմնաց»։ 31 Թագաւորը ոտքի ելաւ, իր հանդերձները պատռեց ու գետինը պառկեցաւ ու անոր բոլոր ծառաները հանդերձնին պատռած անոր բոլորտիքը կայնեցան։ 32 Դաւիթին եղբօր Սամաայի որդին Յովնադաբ ըսաւ. «Իմ տէրս թող չկարծէ թէ բոլոր երիտասարդները՝ թագաւորին որդիները՝ մեռցուցին, քանզի միայն Ամնոն մեռած է. վասն զի այս բանը Աբիսողոմին բերնովը որոշուած էր՝ անոր քոյրը Թամարը լլկած օրէն ի վեր։ 33 Ու հիմա իմ թագաւոր տիրոջս սիրտը չվշտանայ, կարծելով թէ թագաւորին բոլոր որդիները մեռան, քանզի միայն Ամնոն մեռած է»։ 34 Աբիսողոմ փախաւ։ Երբ Դաւիթին պատանին՝ դէտը՝ աչքերը վերցուց նայեցաւ, տեսաւ որ իր ետեւէն լերանը քովէն խիստ շատ ժողովուրդ կու գար։ 35 Այն ատեն Յովնադաբ թագաւորին ըսաւ. «Ահա թագաւորին որդիները կու գան. ծառայիդ խօսքը շիտակ ելաւ»։ 36 Անիկա իր խօսքը լմնցուցածին պէս՝ ահա թագաւորին որդիները եկան ու ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ծառաները խիստ մեծ լացով մը լացին։
37 Իսկ Աբիսողոմ փախաւ ու Գեսուրի թագաւորին, Ամիուդի որդիին Թոլմիին գնաց. բայց Դաւիթ ամէն օր իր որդիին համար սուգ կ’ընէր։ 38 Աբիսողոմ փախաւ ու Գեսուր գնաց ու հոն երեք տարի մնաց։
39 13։38 Դաւիթ թագաւորը Աբիսողոմը տեսնել կը փափաքէր, քանզի Ամնոնին համար մխիթարուեր էր։

ՅՈՎԱԲ ԱԲԻՍՈՂՈՄԻՆ ԴԱՐՁԸ ԿԸ ԿԱՐԳԱԴՐԷ

14 1 Շարուհեայի որդին Յովաբ իմացաւ, որ թագաւորին սիրտը Աբիսողոմին վրայ է։ Յովաբ Թեկուէ մարդ ղրկեց եւ անկէ խելացի կին մը բերել տուաւ ու անոր ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քեզ սգաւոր ձեւացուր, սուգի հանդերձներ հագիր, իւղով մի՛ օծուիր ու մեռելի մը համար շատոնցմէ սուգ բռնող կնոջ մը պէս եղիր Եւ թագաւորին մտիր ու անոր այս կերպով խօսէ»։ Յովաբ անոր բերանը խօսքեր դրաւ։ Այն Թեկուացի կինը թագաւորին մտաւ խօսելու համար ու երեսի վրայ գետինը իյնալով անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, օգնէ՛ ինծի»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Կինը ըսաւ. «Ո՜հ, ես որբեւայրի կին մըն եմ ու իմ այրս մեռած է։ Քու աղախինդ երկու որդի ունէր։ Երկուքը դաշտի մէջ իրարու հետ ծեծկուեցան։ Անոնց քով հաշտեցնող մը չըլլալուն համար՝ մէկը միւսը զարկաւ ու մեռցուց։ Ահա բոլոր ազգատոհմը քու աղախինիդ դէմ ոտքի ելան ու ըսին. ‘Իր եղբայրը մեռցնողը տուր, որպէս զի զանիկա մեռցնենք իր մեռցուցած եղբօրը կեանքին համար ու ժառանգն ալ կորսնցնենք’։ Ինծի մնացած կայծը պիտի մարեն, երկրի վրայ էրկանս անունն ու մնացորդը չպահելով»։ Թագաւորը կնոջը ըսաւ. «Տունդ գնա ու ես քեզի համար կը պատուիրեմ»։ Թեկուացի կինը թագաւորին ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մեղքը իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ ըլլայ, բայց թագաւորն ու անոր աթոռը անպարտ ըլլայ»։ 10 Թագաւորը ըսաւ. «Եթէ քեզի բան մը ըսող ըլլայ, զանիկա ինծի բեր ու անգամ մըն ալ քեզի չի դպչիր»։ 11 Անիկա ըսաւ. «Թագաւորը շնորհք ընէ, իր Տէր Աստուածը յիշէ ու չթողու որ արեան վրէժխնդիրները շատնան ապականելու, որ իմ որդիս մեռցնեն»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ քու որդիիդ գլխէն մազ մը գետինը պիտի չիյնայ»։ 12 Այն ատեն կինը ըսաւ. «Թող քու աղախինդ իմ տիրոջս, թագաւորին, խօսք մը ըսէ»։ Ու անիկա՝ «Խօսիր», ըսաւ։ 13 Կինը ըսաւ. «Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ ինչո՞ւ համար այդպիսի բան կը մտածես. որովհետեւ թագաւորը որչափ ատեն որ իր աքսորածը ետ չդարձնէ, այս խօսքերը խօսելով յանցաւորի պէս կ’ըլլայ։ 14 Քանզի մենք անշուշտ պիտի մեռնինք ու գետինը թափուած ջուրին կը նմանինք, որ մէյ մըն ալ մէկտեղ չի հաւաքուիր։ Աստուած մարդու մը հոգին չ’առներ, հապա միջոցներ կը հնարէ, որպէս զի աքսորուածը իրմէ աքսորուած չմնայ։ 15 Հիմա ես անոր համար իմ թագաւոր տիրոջս այս խօսքը ըսելու եկայ, քանզի ժողովուրդը զիս վախցուց ու քու աղախինդ ըսաւ. ‘Հիմա թագաւորին հետ խօսիմ, թերեւս թագաւորը իր աղախինին խօսքը կատարէ. 16 Որովհետեւ թագաւորը մտիկ ընելով՝ իր աղախինը պիտի ազատէ այն մարդուն ձեռքէն, որ զիս ու իմ որդիս մէկտեղ Աստուծոյ ժառանգութենէն ջնջել կ’ուզէ’։ 17 Եւ աղախինդ ըսաւ. ‘Իմ թագաւոր տիրոջս խօսքը մխիթարութիւն պիտի ըլլայ’. քանզի իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է ու բարին ու չարը կը հասկնայ եւ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ’»։ 18 Թագաւորը պատասխան տուաւ ու կնոջը ըսաւ. «Քեզի հարցնելու բանս ինձմէ մի՛ պահեր»։ Կինը ըսաւ. «Իմ թագաւոր տէրս թող հարցնէ»։ 19 Թագաւորը ըսաւ. «Արդեօք այս ամէն բանին մէջ Յովաբին ձեռքը քեզի հե՞տ է»։ Կինը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քու անձդ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տիրոջս ըսած բոլոր խօսքերէն բնաւ մէկը աջ դին կամ ձախ դին չի կրնար խոտորիլ. քանզի քու ծառադ Յովաբն է ինծի պատուիրողը ու այս բոլոր խօսքերը քու աղախինիդ բերանը դնողը անիկա է. 20 Այս խօսքին ձեւը դարձնելու համար՝ քու ծառադ Յովաբ այս բանը ըրաւ ու իմ տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս իմաստուն է՝ բոլոր երկրի վրայ եղած բաները գիտնալու»։
21 Թագաւորը Յովաբին ըսաւ. «Ահա հիմա այս բանը ըրի. գնա՛ Աբիսողոմ պատանին ետ դարձուր»։ 22 Այն ատեն Յովաբ երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու օրհնեց թագաւորը եւ ըսաւ. «Քու ծառադ այսօր գիտցաւ թէ քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քանզի թագաւորը իր ծառային խօսքը կատարեց»։ 23 Ու Յովաբ ելաւ Գեսուր գնաց ու Աբիսողոմը Երուսաղէմ բերաւ։ 24 Եւ թագաւորը ըսաւ. «Թող իր տունը դառնայ, բայց իմ երեսս չտեսնէ»։ Աբիսողոմ իր տունը դարձաւ, բայց թագաւորին երեսը չտեսաւ։

ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ՀԱՇՏՈՒԻ

25 Բոլոր Իսրայէլի մէջ Աբիսողոմին պէս գեղեցիկ ու գովելի մարդ մը չկար։ Անիկա ոտքին թաթէն մինչեւ գլխուն գագաթը արատ մը չունէր։ 26 Երբ իր մազերը կը կտրէր, (որովհետեւ տարին անգամ մը մազերը կը կտրէր, քանզի իր վրայ ծանրութիւն կ’ըլլային,) իր գլխուն մազերը կը կշռէր ու թագաւորական կշիռքով երկու հարիւր սիկղ կու գային։ 27 Աբիսողոմին երեք տղայ ու Թամար անունով աղջիկ մը ծնաւ։ Անիկա տեսքով գեղեցիկ կին մըն էր։
28 Աբիսողոմ Երուսաղէմի մէջ լման երկու տարի նստաւ, բայց թագաւորին երեսը չտեսաւ։ 29 Աբիսողոմ Յովաբին մարդ ղրկեց, որպէս զի զանիկա թագաւորին ղրկէ. բայց անիկա չուզեց անոր երթալ։ Նորէն երկրորդ անգամ մարդ ղրկեց, բայց անիկա երթալ չուզեց։ 30 Այն ատեն Աբիսողոմ իր ծառաներուն ըսաւ. «Տեսէ՛ք, Յովաբին արտը իմ արտիս մօտն է։ Անիկա հոն գարի ունի։ Գացէք զանիկա կրակով այրեցէ՛ք»։ Աբիսողոմին ծառաները այն արտը կրակով այրեցին։ 31 Յովաբ ելաւ Աբիսողոմին տունը գնաց եւ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար քու ծառաներդ իմ արտս կրակով այրեցին»։ 32 Աբիսողոմ Յովաբին ըսաւ. «Ահա քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի. ‘Հոս եկուր, քեզ թագաւորին ղրկեմ, որպէս զի ըսես թէ Գեսուրէն ինչո՞ւ եկայ. իմ հոն ըլլալս ինծի աղէկ էր։ Հիմա կ’ուզեմ թագաւորին երեսը տեսնել. եթէ իմ վրաս չարութիւն մը կայ, թող զիս մեռցնէ’»։ 33 Յովաբ թագաւորին գնաց ու այս բանը անոր իմացուց։ Թագաւորը Աբիսողոմը կանչեց ու ան թագաւորին քով գնաց, թագաւորին առջեւ երեսի վրայ ինկաւ ու մինչեւ գետինը խոնարհութիւն ըրաւ։ Թագաւորը Աբիսողոմը համբուրեց։

ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ

15 1 Անկէ ետքը Աբիսողոմ իրեն համար կառքեր, ձիեր ու իր առջեւէն վազող յիսուն սուրհանդակ մարդ պատրաստեց։ Աբիսողոմ կանուխ կ’ելլէր ու դրանը ճամբուն մէկ կողմը կը կայնէր, ամէն դատ ունեցող ու դատաստանի համար թագաւորին եկող ամէն մարդ կը կանչէր ու կ’ըսէր. «Դուն ո՞ր քաղաքէն ես»։ Երբ անիկա ‘Ծառադ Իսրայէլի ցեղերէն եմ’, ըսէր, Աբիսողոմ անոր կ’ըսէր. «Նայէ՛, քու դատդ բանաւոր եւ ուղիղ է, բայց թագաւորին կողմէ քեզի մտիկ ընող չկայ»։ Աբիսողոմ կ’ըսէր. «Երանի՜ թէ զիս այս երկրին վրայ դատաւոր դնէին ու ամէն վէճ կամ դատ ունեցող մարդ ինծի գար եւ անոր իրաւունք ընէի»։ Երբ մարդ մը մօտենար անոր խոնարհութիւն ընելու, անիկա ձեռքը կ’երկնցնէր, զանիկա կը բռնէր ու կը համբուրէր։ Աբիսողոմ դատաստանի համար թագաւորին եկող բոլոր Իսրայէլին այսպէս ընելով, Իսրայէլի մարդոց սիրտը իրեն դարձուց։
Քառասուն տարին լմննալէն ետքը Աբիսողոմ ըսաւ թագաւորին. «Շնորհք ըրէ, երթամ ու Տէրոջը ըրած ուխտս Քեբրոնի մէջ կատարեմ։ Քանզի ծառադ երբ Ասորիներուն Գեսուրը կը բնակէի, ուխտ ըրի ու ըսի. ‘Եթէ Տէրը զիս Երուսաղէմ դարձնէ, Տէրոջը ծառայութիւն ընեմ’»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։ Անիկա ելաւ Քեբրոն գնաց։ 10 Աբիսողոմ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն լրտեսներ ղրկեց ու ըսաւ. «Փողին ձայնը լսելնուդ պէս՝ ‘Աբիսողոմ Քեբրոնի մէջ թագաւոր եղաւ’, ըսէք»։ 11 Աբիսողոմին հետ Երուսաղէմէն երկու հարիւր մարդ գնաց՝ հրաւիրուած։ Անոնք միամտութեամբ գացին ու ամենեւին բան մը չէին գիտեր։ 12 Աբիսողոմ զոհ ըրած ատենը՝ Դաւիթին խորհրդակիցը, Գեղոնացի Աքիտոփէլը, իր Գեղոն քաղաքէն կանչել տուաւ։ Դաւաճանութիւնը զօրացաւ ու ժողովուրդը երթալով կը շատնար Աբիսողոմին քով։

ԴԱՒԻԹ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ ԿԸ ՓԱԽՉԻ

13 Դաւիթին լրաբեր մը եկաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլի մարդոց սիրտը Աբիսողոմին հետ մէկ եղաւ»։ 14 Այն ատեն Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ իրեն հետ եղող բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ելէք փախչինք, քանզի Աբիսողոմին երեսէն մեզի ազատում չկայ։ Շուտ ըրէ՛ք, գացէ՛ք, չըլլայ որ անիկա շուտով մեզի հասնի ու մեր վրայ չարիք հասցնէ ու քաղաքը սուրի բերնէ անցընէ»։ 15 Թագաւորին ծառաները թագաւորին ըսին. «Մեր տէր թագաւորը ինչ որ արժան համարէ, ահա իր ծառաները պատրաստ են ընելու»։
16 Թագաւորը եւ անոր ետեւէն անոր բոլոր տունը գնաց։ Թագաւորը իր հարճերէն տասը կին թողուց, որպէս զի տանը մէջ պահպանութիւն ընեն։ 17 Թագաւորը ու անոր ետեւէն բոլոր ժողովուրդը գնաց։ Անոնք հեռու տեղ մը կայնեցան։ 18 Անոր բոլոր ծառաներն ու բոլոր Քերեթիները եւ բոլոր Փելեթիները անոր քովէն անցան։ Անոր հետ Գեթէն եկած բոլոր Գեթացիները, վեց հարիւր մարդ, թագաւորին առջեւէն անցան։ 19 Թագաւորը Գեթացի Եթթիին ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ալ մեզի հետ պիտի երթաս. դարձիր ու թագաւորին հետ նստէ, քանզի դուն օտարական ես ու եղած տեղդ պանդուխտ ես։ 20 Դուն երէկ եկար ու այսօր ես քեզ տեղէդ խախտե՞մ, որպէս զի ինծի հետ երթաս։ Ահա ես կ’երթամ ուր որ պիտի երթամ, դուն դարձիր ու քու եղբայրներդ ալ դարձուր. ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը քեզի հետ ըլլան»։ 21 Եթթի՝ թագաւորին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու իմ թագաւոր տէրս ալ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տէրս ո՛ւր որ ըլլայ, թէ՛ մահուան մէջ եւ թէ՛ կենդանութեան մէջ, քու ծառադ ալ հոն պիտի ըլլայ»։ 22 Դաւիթ Եթթիին ըսաւ. «Ուրեմն եկուր անցիր»։ Գեթացի Եթթի իրեն հետ եղող բոլոր մարդոցմով ու բոլոր ընտանիքներով անցաւ։ 23 Բոլոր երկիրը մեծ ձայնով կու լար ու բոլոր ժողովուրդը կ’անցնէր։ Թագաւորը Կեդրոն հեղեղատէն կ’անցնէր ու բոլոր ժողովուրդը դէպի անապատին ճամբան կ’անցնէին։
24 Ահա Սադովկ ալ ու անոր հետ բոլոր Ղեւտացիները Աստուծոյ տապանակը կայնեցուցին, մինչեւ որ բոլոր ժողովուրդը քաղաքէն ելաւ լմնցաւ։ Աբիաթար զոհ կը մատուցանէր։ 25 Թագաւորը Սադովկին ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը քաղաքը դարձո՛ւր. եթէ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտնեմ, այն ատեն զիս ետ պիտի դարձնէ, զանիկա ու անոր բնակարանը ինծի պիտի ցուցնէ, 26 Բայց եթէ ինծի այսպէս ըսէ՝ ‘քեզի չեմ հաւնիր’, ահա ես կայներ եմ. իր աչքին հաճոյ երեւցածին պէս թող ընէ ինծի»։ 27 Թագաւորը Սադովկ քահանային ըսաւ. «Դուն տեսանող չե՞ս. խաղաղութեամբ քաղաքը դարձիր ու քու որդիդ Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, ձեր երկու որդիները, ձեզի հետ։ 28 Ահա ես անապատին դաշտերուն մէջ պիտի սպասեմ, մինչեւ որ ձեզմէ լուր մը առնեմ»։ 29 Սադովկ ու Աբիաթար Աստուծոյ տապանակը Երուսաղէմ դարձուցին ու հոն մնացին։
30 Դաւիթ Ձիթենեաց լեռնէն վեր կ’ելլէր ու կու լար։ Գլուխը ծածկեր էր ու բոկոտն կը քալէր։ Անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդն ալ, ամէնքը իրենց գլուխը ծածկեր էին ու լալով կ’ելլէին։ 31 Դաւիթին պատմեցին ու ըսին. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմին հետ դաւաճանութիւն ընողներուն մէջ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, Աքիտոփէլին խորհուրդը խափանէ»։ 32 Երբ Դաւիթ այն բլուրը հասաւ, ուր Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրաւ, Արաքացի Քուսի՝ հանդերձները պատռած ու գլխուն վրայ հող դրած զանիկա դիմաւորեց։ 33 Դաւիթ անոր ըսաւ. «Եթէ ինծի հետ գաս, ինծի բեռ կ’ըլլաս. 34 Բայց եթէ քաղաքը դառնաս ու Աբիսողոմին ըսես՝ ‘Ո՛վ թագաւոր, ես քու ծառադ պիտի ըլլամ. առաջ քու հօրդ ծառան էի ու հիմա քու ծառադ եմ’, այն ատեն Աքիտոփէլին խորհուրդը կրնաս ցրուել։ 35 Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները հոն քեզի հետ են ու թագաւորին տունէն ինչ որ լսես, Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն կրնաս պատմել։ 36 Ահա հոն անոնց երկու որդիները, Սադովկի որդին Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, իրենց հետ են։ Ամէն լսած խօսքերնիդ անոնց միջոցով ինծի կրնաք իմացնել»։ 37 Դաւիթին բարեկամը Քուսի քաղաքը մտաւ ու Աբիսողոմ ալ Երուսաղէմ մտաւ։

ԴԱՒԻԹ ԵՒ ՍԻԲԱ

16 1 Երբ Դաւիթ լերանը գլուխէն քիչ մը անցեր էր, ահա Մեմփիբոսթէին ծառան Սիբա զանիկա դիմաւորեց, իրեն հետ երկու էշ ունենալով, որոնց վրայ երկու հարիւր հաց, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու հարիւր ամառնային պտուղ ու տիկ մը գինի բեռցուցած էր։ Թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընես»։ Սիբա ըսաւ. «Էշերը թագաւորին տանը համար են, որպէս զի անոնց վրայ հեծնեն. հացն ու ամառնային պտուղները մանչերուն համար են, որպէս զի ուտեն ու գինին անապատին մէջ նուաղածներուն համար է, որպէս զի խմեն»։ Թագաւորը ըսաւ. «Հապա քու տիրոջդ որդի՞ն ուր է»։ Սիբա թագաւորին ըսաւ. «Ահա անիկա Երուսաղէմ կը նստի, քանզի ըսաւ թէ՝ ‘Այսօր Իսրայէլի տունը իմ հօրս թագաւորութիւնը ինծի պիտի դարձնէ’»։ Այն ատեն թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ահա Մեմփիբոսթէին ամէն ունեցածը քեզի ըլլայ»։ Սիբան ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, շնորհակալ եմ, թող քու առջեւդ շնորհք գտնեմ»։

ԴԱՒԻԹ ԵՒ ՍԵՄԷ

Դաւիթ թագաւորը մինչեւ Բաւուրիմ գնաց եւ ահա անկէ Սաւուղին ազգատոհմէն Գերային որդին Սեմէի անունով մարդ մը ելաւ, որ կ’անիծէր Եւ Դաւիթին ու Դաւիթ թագաւորին բոլոր ծառաներուն քար կը նետէր։ Բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր զօրաւոր մարդիկը թագաւորին աջ կողմէն ու ձախ կողմէն կ’երթային։ Եւ Սեմէի անոր անէծք տուած ատեն այսպէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ելի՛ր, ո՛վ արիւնահեղ մարդ, ո՛վ անօրէն մարդ Տէրը Սաւուղին տանը բոլոր արիւնը քու վրադ դարձուց, որ անոր տեղ թագաւոր եղար։ Տէրը թագաւորութիւնը քու որդիիդ Աբիսողոմին ձեռքը տուաւ։ Ահա քու չարիքդ քեզի հասաւ, քանզի դուն արիւնահեղ մարդ մըն ես»։ Շարուհեայի որդին Աբեսսա թագաւորին ըսաւ. «Այս մեռած շունը ինչո՞ւ համար իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ անէծք տայ։ Թող տուր անցնիմ ու անոր գլուխը առնեմ»։ 10 Բայց թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, դուք ինծի հետ ի՞նչ ունիք։ Թող տուէք որ այսպէս անէծք տայ, քանզի Տէրը ըսաւ անոր. ‘Դաւիթը անիծէ’. ալ ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Ինչո՞ւ համար այդպէս ըրիր’»։ 11 Դաւիթ Աբեսսային ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա իմ երանքէս ելլող որդիս իմ հոգիս կը փնտռէ, ո՞ւր մնաց այս Բենիամինեանը։ Թողուցէ՛ք զանիկա որ անիծէ, քանզի Տէ՛րը ըսաւ անոր. 12 Թերեւս Տէրը իմ նեղութեանս նայի ու այսօրուան անոր տուած անէծքին տեղ ինծի բարիք հատուցանէ»։ 13 Դաւիթ իր մարդոցը հետ ճամբան կ’երթար, իսկ Սեմէի առջեւի լերանը քովէն կ’երթար անէծք տալով, քարեր նետելով ու հող ցանելով։ 14 Թագաւորն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յոգնած գացին ու հոն հանգչեցան։

ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

15 Աբիսողոմ ու բոլոր ժողովուրդը, Իսրայէլի մարդիկը, Երուսաղէմ մտան ու Աքիտոփէլ անոր հետ էր։ 16 Երբ Դաւիթին բարեկամը՝ Արաքացի Քուսի՝ Աբիսողոմին քով գնաց, Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Կեցցէ՛ արքայ, կեցցէ՛ արքայ»։ 17 Աբիսողոմ Քուսիին ըսաւ. «Բարեկամիդ վրայ ունեցած սէրդ ասիկա՞ է. Ինչո՞ւ բարեկամիդ հետ չգացիր»։ 18 Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Ո՛չ, հապա Տէրոջը ու այս ժողովուրդին եւ Իսրայէլի բոլոր մարդոց ընտրածը ո՛վ որ ըլլայ, ես անոր պիտի ըլլամ ու անոր հետ պիտի նստիմ։ 19 Ասկէ զատ, ես որո՞ւ ծառայութիւն պիտի ընեմ, որդիին չէ՞. ինչպէս քու հօրդ առջեւ ծառայեցի, այնպէս ալ քու առջեւդ պիտի ըլլամ»։
20 Աբիսողոմ ըսաւ Աքիտոփէլին. «Խորհուրդ ըրէք թէ ի՛նչ ընելու ենք»։ 21 Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմին. «Քու հօրդ հարճերուն մտիր, որոնք անիկա տանը պահպանութիւն ընելու համար թողուց ու երբ բոլոր Իսրայէլ լսէ թէ դուն քու հօրդ ատելի եղար, այն ատեն բոլոր քեզի հետ եղողներուն ձեռքերը պիտի ուժովնան»։ 22 Ուստի տանիքին վրայ Աբիսողոմին համար վրան կանգնեցին եւ Աբիսողոմ բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ իր հօրը հարճերուն մտաւ։ 23 Այն օրերը Աքիտոփէլին տուած խորհուրդը այնպէս էր, ինչպէս մէկը Աստուծոյ խօսքը հարցնէր։ Աքիտոփէլին ամէն խորհուրդը թէ՛ Դաւիթին քով եւ թէ՛ Աբիսողոմին քով այնպէս էր։

ՔՈՒՍԻ ԱԲԻՍՈՂՈՄԸ ԿԸ ՄՈԼՈՐԵՑՆԷ

17 1 Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմին. «Հիմա տասներկու հազար մարդ ընտրեմ ու ելլեմ եւ այս գիշեր Դաւիթին ետեւէն իյնամ։ Անիկա քանի որ յոգնած ու ձեռքերը թուլցած են, անոր վրայ հասնիմ ու վախցնեմ զանիկա, որպէս զի անոր հետ եղող ժողովուրդը փախչի ու միայն թագաւորը զարնեմ։ Այսպէս բոլոր ժողովուրդը քեզի պիտի դարձնեմ. քանզի քու փնտռած մարդդ ձեռքդ անցնելով՝ ամէնքն ալ ձեռքդ անցած կը սեպուի ու բոլոր ժողովուրդը խաղաղութեան մէջ կ’ըլլայ»։ Այս խօսքը Աբիսողոմին աչքին ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն աչքին հաճոյ երեւցաւ։
Աբիսողոմ ըսաւ. «Հիմա Արաքացի Քուսին ալ կանչեցէք, որպէս զի անոր խորհուրդն ալ լսենք»։ Երբ Քուսի Աբիսողոմին քով եկաւ, Աբիսողոմ անոր հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աքիտոփէլ այսպիսի բան մը ըսաւ. արդեօք անոր խօսքը ընե՞նք՝ թէ ոչ, դուն խօսէ»։ Քուսի Աբիսողոմին ըսաւ. «Աքիտոփէլին տուած խորհուրդը այս անգամ աղէկ չէ»։ Եւ Քուսի ըսաւ. «Դուն գիտես թէ քու հայրդ ու անոր մարդիկը զօրաւոր են ու սրտերնին այրած է՝ դաշտի մէջ ձագերը կորսնցուցած արջու պէս։ Քու հայրդ պատերազմող մարդ մըն է ու գիշերը ժողովուրդին հետ չի կենար։ Հիմա անիկա կա՛մ փոսի մը մէջ կա՛մ ուրիշ տեղ մը պահուած է։ Եթէ առաջին անգամ ասոնցմէ իյնալու ըլլան, ամէն լսողը պիտի ըսէ թէ Աբիսողոմին ետեւէն գացող ժողովուրդը կոտորուեր է։ 10 Այն ատեն առիւծի պէս սիրտ ունեցող զօրաւոր մարդը անգամ բոլորովին պիտի թուլնայ. քանզի բոլոր Իսրայէլ գիտէ թէ քու հայրդ զօրաւոր է ու անոր հետ եղողները ուժի տէր մարդիկ են։ 11 Այս պատճառով ես քեզի խորհուրդ կու տամ որ բոլոր Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, ծովեզերքը եղող աւազին պէս բազմութեամբ քու քովդ հաւաքուին։ Դուն ալ անձամբ անոնց հետ պատերազմի գնա։ 12 Այսպէս անոր վրայ երթանք, անիկա ո՛ւր տեղ որ գտնուի, անոր վրայ հասնինք, ինչպէս ցօղը գետնի վրայ կ’իջնէ եւ անկէ ու անոր հետ եղող բոլոր մարդոցմէն մէ՛կը ողջ չթողունք։ 13 Եթէ քաղաքի մը մէջ գոցուի, բոլոր Իսրայէլ չուաններ թող առնէ այն քաղաքը ու զանիկա մինչեւ հեղեղատը քաշենք, այնպէս որ հոն պզտիկ քար մը անգամ չմնայ»։ 14 Աբիսողոմ ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը ըսին. «Արաքացի Քուսիին խորհուրդը Աքիտոփէլին խորհուրդէն աղէկ է»։ Քանզի Տէրը Աքիտոփէլին աղէկ խորհուրդը ցրուելու հրաման տուեր էր, որպէս զի Տէրը Աբիսողոմին վրայ չարիք հասցնէ։

ԴԱՒԻԹ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒԻ ՈՒ ԿԸ ՓԱԽՉԻ

15 Քուսին Սադովկ եւ Աբիաթար քահանաներուն ըսաւ. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմին ու Իսրայէլի ծերերուն այս ինչ խորհուրդը տուաւ, ես ալ այս ինչ խորհուրդը տուի։ 16 Հիմա շուտով մարդ ղրկեցէք ու Դաւիթին իմացուցէք ու ըսէք. ‘Գիշերը անապատին դաշտերուն մէջ մի՛ կենար, հապա շուտով անցիր. չըլլայ որ թագաւորն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յանկարծ զարնուին’»։ 17 Յովնաթան ու Աքիմաաս Ռովգելին աղբիւրին քով կայներ էին, քանզի չէին կրնար քաղաքը մտնել ու երեւնալ։ Աղախինը գնաց ու անոնց պատմեց, անոնք ալ գացին ու Դաւիթ թագաւորին իմացուցին։ 18 Եւ պատանի մը տեսաւ զանոնք ու Աբիսողոմին պատմեց. բայց Յովնաթան եւ Աքիմաաս մէկտեղ շուտով գացին ու Բաւուրիմ մարդու մը տունը մտան։ Անիկա իր գաւիթին մէջ ջրհոր մը ունէր։ Անոնք հոն իջան։ 19 Կինը ծածկոց մը առաւ, ջրհորին բերնին վրայ փռեց ու անոր վրայ ձաւար տարածեց ու բանը չհասկցուեցաւ։ 20 Աբիսողոմին ծառաները այն կնոջ տունը մտան ու ըսին. «Աքիմաասն ու Յովնաթանը ո՞ւր են»։ Կինը անոնց ըսաւ. «Ջուրին անդիի կողմը անցան»։ Անոնք փնտռեցին ու չգտնելով Երուսաղէմ դարձան։ 21 Անոնց երթալէն ետքը ջրհորէն ելան ու գացին Դաւիթ թագաւորին իմացուցին եւ ըսին. «Ելէ՛ք ու շուտով ջուրէն անցէ՛ք, քանզի Աքիտոփէլ ձեզի համար այսպիսի խորհուրդ մը տուաւ»։ 22 Դաւիթ ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը ելան ու Յորդանանէն անցան ու մինչեւ առաւօտեան լոյսը Յորդանանէն չանցած մարդ չմնաց։
23 Աքիտոփէլ, երբ տեսաւ թէ իր խորհուրդը չկատարուեցաւ, իր իշուն համետը դրաւ ու ելաւ իր քաղաքը ու իր տունը գնաց եւ իր տանը համար կարգադրութիւններ ըրաւ ու ինքզինք խեղդեց ու մեռաւ եւ իր հօրը գերեզմանը թաղուեցաւ։
24 Դաւիթ Մանայիմ հասաւ։ Աբիսողոմ ալ բոլոր Իսրայէլի մարդոցը հետ Յորդանանէն անցաւ։ 25 Աբիսողոմ Յովաբին տեղը Ամեսային դրաւ զօրքին վրայ։ Ամեսայի Յեթեր անունով Իսրայելացիի մը որդին էր։ Անիկա Յովաբին մօրը Շարուհեայի քոյրը, Նաասի աղջիկը Աբիգիան առեր էր։ 26 Իսրայէլ Աբիսողոմին հետ Գաղաադի երկիրը բնակեցաւ։
27 Երբ Դաւիթ Մանայիմ գնաց, Ամմոնի որդիներուն Ռաբբայէն Նաասի որդին Սոբի ու Լադաբարէ Ամիէլի որդին Մաքիր եւ Ռովգելիմէ Գաղաադացի Բերզելի՝ 28 Անկողիններ, կոնքեր, հողէ ամաններ, ցորեն, գարի, ալիւր ու բոհրած ցորեն ու բակլայ եւ ոսպ ու բոհրած սիսեռ 29 Ու մեղր եւ կոգի ու ոչխարներ եւ կովու պանիր բերին Դաւիթին ու անոր հետ եղող ժողովուրդին, որպէս զի ուտեն. քանզի ըսին. ‘Ժողովուրդը անապատին մէջ անօթի, յոգնած ու ծարաւցած է’։

ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ ՈՒ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ

18 1 Դաւիթ իրեն հետ եղող զօրքը համրեց։ Անոնց վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ։ Դաւիթ զօրքին մէկ երրորդը՝ Յովաբին ձեռքը, մէկ երրորդը՝ Յովաբին եղբօր Շարուհեան Աբեսսային ձեռքը ու մէկ երրորդը Գեթացի Եթթիին ձեռքը յանձնեց։ Թագաւորը ժողովուրդին ըսաւ. «Անպատճառ ես ալ ձեզի հետ պիտի ելլեմ»։ Բայց ժողովուրդը ըսաւ. «Մի՛ ելլեր, քանզի եթէ մենք փախչելու ըլլանք, անոնք մեզի համար հոգ չեն ըներ ու թէեւ մեր կէսը մեռնի, անոնք բանի մը տեղ չեն դներ. բայց դուն մեր տասը հազարին չափ ես ու հիմա աղէկը այն է, որ դուն մեզի քաղաքէն օգնութիւն ղրկես»։ Եւ թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ձեր աչքերուն հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ»։ Թագաւորը դրանը քով կայնեցաւ եւ բոլոր զօրքը հարիւրներով ու հազարներով կ’ելլէին։ Ու թագաւորը Յովաբին եւ Աբեսսային ու Եթթիին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Իմ սիրոյս համար Աբիսողոմ պատանիին խնայեցէք»։ Երբ թագաւորը Աբիսողոմին համար բոլոր զօրավարներուն պատուիրեց, բոլոր զօրքերը լսեցին։
Զօրքը դաշտը ելաւ Իսրայէլի դէմ դնելու համար։ Պատերազմը Եփրեմի անտառին մէջ եղաւ։ Հոն Իսրայէլի զօրքերը Դաւիթին ծառաներուն առջեւ յաղթուեցան ու այն օրը մեծ կոտորած եղաւ ու քսան հազար մարդ ինկաւ։ Պատերազմը բոլոր երկրին վրայ տարածուեցաւ ու այն օրը անտառը սուրին ջարդածէն աւելի ժողովուրդ ջարդեց։ Աբիսողոմ Դաւիթին ծառաներուն հանդիպեցաւ։ Աբիսողոմ ջորիի վրայ հեծեր էր։ Ջորին մեծ բեւեկնիի մը թաւ ոստերուն տակ մտաւ։ Անոր գլուխը բեւեկնիէն բռնուեցաւ ու երկնքի ու երկրի մէջ կախուած մնաց։ Ջորին տակէն անցաւ գնաց։ 10 Մարդ մը զանիկա տեսնելով՝ Յովաբին պատմեց ու ըսաւ. «Ահա Աբիսողոմը բեւեկնիէ մը կախուած տեսայ»։ 11 Յովաբ իրեն լուր բերող մարդուն ըսաւ. «Քանի որ զանիկա տեսար, ինչո՞ւ համար զանիկա հոն գետինը չզարկիր։ Այն ատեն քեզի տասը սիկղ արծաթ ու գօտի մը կու տայի»։ 12 Այն մարդը Յովաբին ըսաւ. «Եթէ իմ ափս հազար սիկղ կշիռքով արծաթ ալ դրուէր, թագաւորին որդիին ձեռքս չէի երկնցներ, քանզի մենք լսեցինք՝ երբ թագաւորը քեզի ու Աբեսսային ու Եթթիին պատուիրեց՝ ըսելով. ‘Ամէն մէկդ Աբիսողոմ պատանիին հոգ տարէք’։ 13 Եթէ թագաւորին պատուէրին մտիկ չընէի եւ անոր կեանքին վնասէի, իմ կեանքս վտանգի մէջ պիտի դնէի. քանզի բնաւ բան մը թագաւորէն գաղտուկ չի մնար ու դուն ալ ինծի դէմ պիտի կենայիր»։ 14 Յովաբ ըսաւ. «Ես քու առջեւդ պարապ ժամանակ չեմ ուզեր անցընել»։ Իր ձեռքը երեք գեղարդ առաւ ու անոնցմով Աբիսողոմին սիրտը խոցեց, երբ անիկա տակաւին բեւեկնիին վրայ ողջ էր։ 15 Յովաբին զինակիրներէն տասը պատանիներ, չորս կողմը պաշարելով՝ Աբիսողոմը զարկին ու զանիկա մեռցուցին։ 16 Յովաբ փող հնչեցուց ու զօրքը Իսրայէլը հալածելէն ետ դարձաւ, քանզի Յովաբ զօրքը զսպեց։ 17 Աբիսողոմը առին եւ զանիկա անտառին մէջ մեծ փոսի մը մէջ նետեցին ու անոր վրայ խիստ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին։ Բոլոր Իսրայէլ փախաւ, ամէն մէկը իր վրանը։
18 Աբիսողոմ իր կենդանութեան ատեն արձան մը առեր էր ու զանիկա իրեն համար թագաւորին հովիտին մէջ կանգնեցուցեր էր, ըսելով թէ՝ ‘որդի չունիմ որ իմ անուանս յիշատակը պահէ’. ուստի այն արձանը իր անունովը կոչեր էր։ Անիկա մինչեւ այսօր ‘Աբիսողոմին արձանը’ կը կոչուի։

ԱԲԻՍՈՂՈՄԻՆ ՄԱՀԸ ԴԱՒԻԹԻՆ Կ’ԻՄԱՑՈՒԻ

19 Սադովկի որդին Աքիմաաս ըսաւ. «Հիմա վազեմ ու թագաւորին աւետիս տանիմ, քանի որ Տէրը անոր իրաւունք ըրաւ ու զանիկա իր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց»։ 20 Յովաբ անոր ըսաւ. «Դուն այսօր աւետիս տանելու մարդ չես. դուն ուրիշ օր մը աւետիս տար, բայց այսօր աւետիս մի՛ տանիր, քանզի թագաւորին որդին մեռաւ»։ 21 Յովաբ Քուսիին ըսաւ. «Գնա՛, տեսածդ թագաւորին պատմէ»։ Քուսի Յովաբին խոնարհութիւն ըրաւ եւ վազելով գնաց։ 22 Սադովկի որդին Աքիմաաս նորէն Յովաբին ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, հրաման տուր որ ես ալ Քուսիին ետեւէն վազեմ»։ Յովաբ ըսաւ. «Ինչո՞ւ վազես, որդի՛ս, որովհետեւ աւետիս մը չունիս տանելու»։ 23 Անիկա ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, վազեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Վազէ՛»։ Աքիմաաս դաշտին ճամբովը վազեց Քուսիէն անցաւ։ 24 Դաւիթ երկու դռներուն մէջ կը նստէր ու դէտը դրանը տանիքին վրայ դէպի պարիսպը գնաց եւ աչքերը վերցնելով տեսաւ, որ ահա մարդ մը մինակ կը վազէր։ 25 Այն ատեն դէտը բարձր ձայնով թագաւորին իմացուց ու թագաւորը ըսաւ. «Եթէ մինակ է, անոր բերանը աւետիս կայ»։ Անիկա կու գար ու կը մօտենար։ 26 Դէտը ուրիշ վազող մարդ մըն ալ տեսաւ։ Դէտը դռնապանին բարձր ձայնով ըսաւ. «Ահա ուրիշ մարդ մըն ալ մինակ կը վազէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ան ալ աւետաբեր է»։ 27 Դէտը ըսաւ. «Առաջինին ընթացքը Սադովկի որդիին Աքիմաասին ընթացքին պէս կ’երեւնայ ինծի»։ Թագաւորը ըսաւ. «Անիկա բարի մարդ է ու բարի աւետիսով կու գայ»։ 28 Աքիմաաս պոռալով ըսաւ թագաւորին. «Ողջո՜յն» ու երեսի վրայ գետինը իյնալով՝ խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ քու Տէր Աստուածդ, որ իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ դէմ ձեռք վերցնողները քու ձեռքդ մատնեց»։ 29 Թագաւորը ըսաւ. «Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է»։ Աքիմաաս ըսաւ. «Երբ Յովաբ՝ թագաւորին ծառան ու զիս քու ծառադ՝ ղրկեց, մեծ խումբ մը տեսայ, բայց ի՛նչ ըլլալը չիմացայ»։ 30 Թագաւորը ըսաւ. «Դարձի՛ր ու հոս կայնէ՛»։ Անիկա դարձաւ ու կայնեցաւ։ 31 Եւ ահա Քուսին եկաւ ու Քուսին ըսաւ. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ աւետիս կու տամ, որ բոլոր քու վրադ ելլողներուն ձեռքէն Տէրը այսօր քեզ ազատեց ու քեզի իրաւունք ըրաւ»։ 32 Թագաւորը Քուսիին ըսաւ. «Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է»։ Այն ատեն Քուսին ըսաւ. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին թշնամիները ու չարութեան համար բոլոր քու վրադ ելլողները այն պատանիին պէս ըլլան»։ 33 Եւ թագաւորը խռովեցաւ ու դրան վերնատունը ելաւ ու լացաւ եւ քալելով այսպէս կ’ըսէր. «Որդեա՜կ իմ Աբիսողոմ, երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի. Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։

ՅՈՎԱԲ ԴԱՒԻԹԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ

19 1 Յովաբին պատմուեցաւ թէ՝ «Ահա թագաւորը Աբիսողոմին համար կու լայ ու սուգ կ’ընէ»։ Այն օրը յաղթութիւնը սուգի դարձաւ բոլոր զօրքին առջեւ, քանզի զօրքը լսեց թէ «Թագաւորը իր զաւկին համար կը սգայ»։ Այն օրը զօրքը գողի պէս քաղաքը կը մտնէր, պատերազմէն փախած ու ամչցած զօրքի պէս։ Թագաւորը իր երեսը ծածկեց ու մեծ ձայնով մը կը կանչէր. «Որդեա՜կ իմ Աբիսողոմ, Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։
Յովաբ ներս մտաւ թագաւորին քով ու ըսաւ. «Այսօր քու կեանքդ ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ կեանքը եւ քու կիներուդ ու հարճերուդ կեանքը ազատող բոլոր ծառաներուդ երեսը ամօթով ըրիր, Քանզի քեզ ատողները կը սիրես ու քեզ սիրողները կ’ատես. վասն զի այսօր յայտնեցիր թէ քու իշխաններդ ու ծառաներդ բանի մը տեղ չես դներ եւ այսօր աղէկ հասկցայ թէ՝ եթէ այսօր Աբիսողոմ ողջ մնար ու մենք ամէնքս մեռնէինք, այն ատեն քու աչքերուդ հաճոյ պիտի երեւնար։ Հիմա ոտքի ելի՛ր ու դո՛ւրս եկուր ու քու ծառաներուդ հետ քաղցրութեամբ խօսէ, քանզի Տէրոջմով երդում կ’ընեմ որ, եթէ դուն դուրս չելլես, այս գիշեր քովդ մարդ մը պիտի չմնայ ու ասիկա քեզի՝ քու տղայութենէդ մինչեւ հիմա գլուխդ եկած ամէն ձախորդութիւններէն աւելի գէշ պիտի ըլլայ»։ Թագաւորը ելաւ ու դուռը նստաւ։ Այն ատեն բոլոր զօրքին պատմեցին ու ըսին. «Ահա թագաւորը դուռը նստեր է»։ Բոլոր զօրքը թագաւորին առջեւ եկաւ, բայց Իսրայէլի մարդիկը իրենց վրանները փախեր էին։

ԴԱՒԻԹ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ ժողովուրդը կը վիճէին ու կ’ըսէին. «Մեր թշնամիներուն ձեռքէն մեզ փրկողը թագաւորն է ու Փղշտացիներուն ձեռքէն մեզ ազատողը անիկա է եւ հիմա Աբիսողոմին պատճառով այս երկրէն փախաւ։ 10 Աբիսողոմը, որ մեր վրայ թագաւոր օծեցինք, պատերազմի մէջ մեռաւ եւ հիմա դուք թագաւորը ետ դարձնելու մասին ինչո՞ւ բան մը չէք խորհիր»։
11 Դաւիթ թագաւորը Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Յուդայի ծերերուն հետ խօսեցէք ու ըսէք. ‘Թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք. քանզի բոլոր Իսրայէլի խօսքը թագաւորին հասաւ՝ մինչեւ անոր տունը։ 12 Դուք իմ եղբայրներս, ոսկորս ու մարմինս էք ու թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք’։ 13 Եւ Ամեսայիին ըսէք. ‘Դուն իմ ոսկորս ու մարմինս չե՞ս. Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ Յովաբին տեղ միշտ իմ առջեւս զօրագլուխ չըլլաս’»։ 14 Եւ Յուդայի բոլոր մարդոց սիրտը մէկ մարդու սրտի պէս իրեն դարձուց եւ անոնք թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Դարձի՛ր, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու բոլոր ծառաներդ»։ 15 Այն ատեն թագաւորը դարձաւ ու մինչեւ Յորդանան եկաւ։ Յուդան ալ մինչեւ Գաղգաղա եկաւ, որպէս զի թագաւորը դիմաւորէ ու թագաւորը Յորդանանէն անցընէ։
16 Ու Գերայի որդին Բաւուրիմացի Բենիամինեան Սեմէին արտորալով՝ Յուդայի մարդոցը հետ Դաւիթ թագաւորը դիմաւորելու իջաւ։ 17 Անոր հետ Բենիամինէն հազար մարդ կար ու Սաւուղին տանը ծառան Սիբա իր տասնըհինգ որդիներովը եւ քսան ծառաներովը եկաւ ու թագաւորին առջեւ Յորդանան հասան։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՍԵՄԷԻՆ ԿԸ ՆԵՐԷ

18 Թագաւորին տունը անցընելու համար ու անոր աչքերուն հաճոյ երեւցածը ընելու համար նաւակ մը անցաւ։ Երբ թագաւորը Յորդանանէն անցաւ, Գերայի որդին Սեմէի՝ թագաւորին առջեւ ինկաւ 19 Եւ թագաւորին ըսաւ. «Իմ տէրս ինծի յանցանք թող չսեպէ ու իմ թագաւոր տիրոջս Երուսաղէմէն ելած օրը ծառայիդ ըրած անօրէնութիւնը թող չյիշէ ու թագաւորը զանիկա իր սրտին մէջ թող չպահէ։ 20 Քանզի քու ծառադ գիտցաւ թէ մեղք գործեց։ Ահա այսօր Յովսէփին բոլոր տունէն ամենէն առաջ ես եկայ որպէս զի իմ թագաւոր տէրս դիմաւորեմ»։ 21 Ու Շարուհեայի որդին Աբեսսան պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ուրեմն Սեմէին ասոր համար պիտի չմեռնի՞, որ Տէրոջը օծեալը անիծեց»։ 22 Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, որ այսօր, ինծի թշնամութիւն կ’ընէք։ Միթէ այսօր Իսրայէլէն ոեւէ մարդ պէ՞տք է մեռնի, որովհետեւ գիտեմ թէ ես այսօր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եմ» 23 Եւ թագաւորը Սեմէին ըսաւ. «Պիտի չմեռնիս» ու թագաւորը անոր երդում ըրաւ։

ԴԱՒԻԹ ՄԵՄՓԻԲՈՍԹԷԻՆ ԿԸ ՆԵՐԷ

24 Սաւուղի որդին՝ Մեմփիբոսթէն՝ թագաւորը դիմաւորելու եկաւ։ Անիկա թագաւորին գացած օրէն մինչեւ անոր խաղաղութեամբ եկած օրը՝ ոտքերը չէր դարմաներ ու մօրուքը չէր շտկեր եւ լաթերը չէր լուացեր։ 25 Երբ թագաւորը դիմաւորելու համար Երուսաղէմ եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ, ինչո՞ւ ինծի հետ չգացիր»։ 26 Անիկա ըսաւ. «Ով տէ՛ր իմ թագաւոր, իմ ծառաս զիս խաբեց. քանզի ես՝ քու ծառադ ըսի. ‘Էշը պատրաստեմ, որպէս զի վրան հեծնեմ ու թագաւորին հետ երթամ. վասն զի ծառադ կաղ է’։ 27 Բայց անիկա զիս՝ քու ծառադ՝ իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ բամբասեց. բայց իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է, ուստի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ։ 28 Թէպէտեւ իմ հօրս բոլոր տունը իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ միայն մեռնելու մարդիկ էին, բայց դուն քու ծառադ քու սեղանդ կերակուր ուտողներուն կարգը դրիր, ուստի ա՛լ ասկէ յետոյ ի՞նչ իրաւունք ունիմ թագաւորին բողոքելու»։ 29 Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ալ ինչո՞ւ քու բաներուդ վրայ կը խօսիս։ Ես ըսի, որ դուն ու Սիբա արտերը ձեր մէջ բաժնէք»։ 30 Մեմփիբոսթէն ըսաւ թագաւորին. «Թող անիկա ամէնն ալ առնէ, որովհետեւ իմ թագաւոր տէրս խաղաղութեամբ իր տունը եկաւ»։

ԴԱՒԻԹ ԲԵՐԶԵԼԻԻ ԿԸ ՀԱՏՈՒՑԱՆԷ

31 Գաղաադացի Բերզելի Ռովգելիմէն իջաւ ու թագաւորին հետ Յորդանանէն անցաւ, որպէս զի զանիկա Յորդանանէն ճամբեցնէ։ 32 Բերզելի խիստ ծեր էր, ութսուն տարեկան ըլլալով եւ որչափ ժամանակ որ թագաւորը Մանայիմի մէջ կեցաւ, ինք զանիկա կերակրեց, քանզի խիստ մեծ մարդ մըն էր։ 33 Թագաւորը Բերզելիին ըսաւ. «Ինծի հետ անցիր եւ քեզ իմ քովս Երուսաղէմի մէջ կերակրեմ»։ 34 Ու Բերզելի թագաւորին ըսաւ. «Տակաւին քանի՞ տարի պիտի ապրիմ, որ թագաւորին հետ Երուսաղէմ երթամ. 35 Ես այսօր ութսուն տարեկան եմ. միթէ աղէկն ու գէշը կրնա՞մ որոշել, միթէ ծառադ իր կերածին ու խմածին համը կրնա՞յ առնել։ Ասկէ ետքը խաղ կանչող մարդերուն կամ կիներուն ձայնը կրնա՞մ լսել. ուստի քու ծառադ իմ թագաւոր տիրոջս ինչո՞ւ համար բեռ ըլլայ։ 36 Քու ծառադ թագաւորին հետ Յորդանանէն անցնելուն համար թագաւորը ինչո՞ւ ինծի ատոր փոխարէնը հատուցանէ։ 37 Արտօնէ որ դառնամ իմ քաղաքիս մէջ՝ իմ հօրս ու մօրս գերեզմանին քով մեռնիմ։ Թող քու ծառադ Քամաամ իմ տիրոջս՝ թագաւորին հետ անցնի ու քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։ 38 Թագաւորը ըսաւ. «Թող Քամաամ ինծի հետ անցնի ու ես քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ անոր։ Ինձմէ ինչ որ խնդրես՝ քեզի պիտի ընեմ»։ 39 Բոլոր ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ։ Թագաւորն ալ անցաւ։ Թագաւորը Բերզելին համբուրեց ու զանիկա օրհնեց։ Ան ալ իր տեղը դարձաւ։

ՅՈՒԴԱ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՎԻՃԻՆ

40 Թագաւորը Գաղգաղա անցաւ ու Քամաամ անոր հետ անցաւ։ Այսպէս Յուդայի բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի ալ կէս ժողովուրդը թագաւորը անցուցին։ 41 Եւ ահա բոլոր Իսրայէլի մարդիկը թագաւորին եկան ու թագաւորին ըսին. «Ինչո՞ւ համար մեր եղբայրները, Յուդայի մարդիկը, քեզ գողցան ու թագաւորն ու անոր տունը ու անոր հետ Դաւիթի բոլոր մարդիկը Յորդանանէն անցուցին»։ 42 Յուդայի բոլոր մարդիկը Իսրայէլի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Քանզի թագաւորը մեզի մօտ ազգական է։ Այս բանին համար ինչո՞ւ այսպէս կը նեղանաք. միթէ թագաւորէն բան մը կերա՞նք կամ թէ անիկա մեզի պարգեւ մը տուա՞ւ»։ 43 Իսրայէլի մարդիկը Յուդայի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք թագաւորին քով տասը բաժին ունինք ու նաեւ Դաւիթին վրայ ձեզմէ աւելի իրաւունք ունինք։ Ինչո՞ւ համար մեզ անարգեցիք ու մեր թագաւորը ետ դարձնելու համար առաջ մեզմէ խորհուրդ չհարցուցիք»։ Բայց Յուդայի մարդոց խօսքը Իսրայէլի մարդոց խօսքէն աւելի խիստ էր։

ՍԱԲԷԷԻՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

20 1 Հոն Բենիամինի ցեղէն Բոքորեան Սաբէէ անունով անօրէն մարդ մը գտնուեցաւ։ Անիկա փող հնչեցուց ու ըսաւ. «Մենք Դաւիթին քով բաժին ու Յեսսէին որդիին քով ժառանգութիւն չունինք. ո՛վ Իսրայէլ, ամէն մարդ իր վրանը թող դառնայ»։ Ուստի Իսրայէլի բոլոր մարդիկը Դաւիթէն զատուեցան ու Բոքորեան Սաբէէին ետեւէն գացին, բայց Յուդայի մարդիկը Յորդանանէն մինչեւ Երուսաղէմ իրենց թագաւորին հետեւեցան։
Դաւիթ Երուսաղէմ իր տունը գնաց։ Թագաւորը իր տանը պահպանութեանը համար թողուցած տասը հարճերը առաւ ու զանոնք տան մը մէջ պահել տուաւ եւ զանոնք կը կերակրէր, բայց անոնց չմօտեցաւ։ Անոնք մինչեւ իրենց մեռնելու օրը պահուած մնացին ու որբեւայրիի պէս ապրեցան։
Թագաւորը Ամեսայիին ըսաւ. «Մինչեւ երեք օր Յուդայի մարդիկը ինծի կանչէ ու դուն ալ հոս ներկայ եղիր»։ Ուստի Ամեսայի Յուդան կանչելու գնաց, բայց որոշուած ատենէն աւելի ուշացաւ։ Այն ատեն Դաւիթ Աբեսսային ըսաւ. «Հիմա Բոքորեան Սաբէէն Աբիսողոմէն աւելի չարութիւն պիտի ընէ մեզի. ուրեմն դուն քու տիրոջդ ծառաները քեզի հետ ա՛ռ ու անոր ետեւէն գնա, չըլլայ որ իրեն պարսպապատ քաղաքներ գտնէ ու մեր աչքէն անյայտ ըլլայ»։ Այսպէս Յովաբին մարդիկը ու Քերեթիները ու Փելեթիները եւ բոլոր զօրաւորները անոր ետեւէն ելան ու Բոքորեան Սաբէէն հալածելու համար Երուսաղէմէն գացին։
Երբ անոնք Գաբաւոնի մէջ եղող մեծ քարին քով հասան, Ամեսային անոնց դէմ ելաւ։ Յովաբ իր հագած հանդերձները գօտեւորած էր ու անոր վրայէն ուրիշ գօտիով՝ մէջքը սուր մը կապած էր պատեանովը մէկտեղ։ Երբ անիկա կ’երթար՝ սուրը պատեանէն ինկաւ։ Յովաբ Ամեսայիին ըսաւ. «Եղբայրս, ողջ առո՞ղջ ես»։ Յովաբ Ամեսային համբուրելու համար աջ ձեռքովը անոր մօրուքէն բռնեց։ 10 Ամեսային Յովաբին ձեռքը եղած սուրէն չզգուշացաւ։ Յովաբ սնակուշտէն զարկաւ զանիկա եւ անոր աղիքները գետինը թափեց։ Անոր երկու անգամ չզարկաւ ու անիկա մեռաւ։ Յովաբ ու իր եղբայրը Աբեսսա Բոքորեան Սաբէէին ետեւէն գացին։ 11 Այն ատեն Յովաբին պատանիներէն մէկը անոր քով կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ որ Յովաբը կը սիրէ ու ո՛վ որ Դաւիթին կողմէն է, Յովաբին ետեւէն թող երթայ»։ 12 Ամեսային՝ ճամբուն վրայ՝ իր արիւնին մէջ կը թաւալէր։ Այն մարդը, երբ տեսաւ որ բոլոր զօրքը կայնեցաւ, Ամեսային ճամբուն վրայէն վերցուց ու արտի մը մէջ ձգեց եւ զայն լաթով մը ծածկեց. քանզի տեսաւ, որ ամէն անոր քով եկողը կանգ կ’առնէ։ 13 Զանիկա ճամբուն վրայէն վերցուցածին պէս՝ ամէն մարդ Յովաբին ետեւէն գնաց Բոքորեան Սաբէէն հալածելու համար։ 14 (Բայց անիկա Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն մինչեւ Աբէլ ու Բեթմաաքա անցեր էր բոլոր Բերացիներուն հետ, որոնք անոր քով հաւաքուելով՝ անոր ետեւէն գացեր էին։) 15 Անոնք հասան ու Բեթմաաքայի Աբէլի մէջ՝ զանիկա պաշարեցին ու քաղաքին առջեւ հողաբլուր մը շինեցին, որ պարսպին մօտ կանգնուեցաւ եւ Յովաբին հետ եղող բոլոր զօրքը պարիսպը փլցնելու կ’աշխատէին։
16 Իմաստուն կին մը քաղաքէն կանչեց. «Լսեցէ՛ք, լսեցէ՛ք. շնորհք ըրէ՛ք, Յովաբին ըսէք. ‘Հոս մօտեցիր, որպէս զի քեզի հետ խօսիմ’»։ 17 Յովաբ անոր մօտեցաւ ու կինը ըսաւ. «Յովաբը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Կինը անոր ըսաւ. «Քու աղախինիդ խօսքերուն մտիկ ըրէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա մտիկ կ’ընեմ»։ 18 Կինը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Հին ատենը սովորաբար կ’ըսէին՝ ‘Թող Աբէլին երթան հարցնեն ու այնպէս լմնցնեն’։ 19 Ես Իսրայէլի մէջ խաղաղարար ու հաւատարիմ քաղաք մըն եմ, բայց դուն կը ջանաս աւերել այնպիսի քաղաք մը, որ Իսրայէլի մէջ մայրաքաղաք մըն է. Տէրոջը ժառանգութիւնը ինչո՞ւ բնաջինջ կ’ընես»։ 20 Յովաբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, քա՜ւ լիցի, որ ես բնաջինջ ընեմ կամ աւերեմ. 21 Բանը այդպէս չէ. հապա Եփրեմի լեռնէն Բոքորեան Սաբէէ անունով մարդ մը իր ձեռքը Դաւիթ թագաւորին դէմ վերցուց, միայն զանիկա տուէք ու այս քաղաքէն երթամ»։ Կինը Յովաբին ըսաւ. «Ահա անոր գլուխը պարսպին վրայէն քեզի պիտի նետուի»։ 22 Ու կինը բոլոր ժողովուրդին գնաց, իր իմաստութեամբ խօսեցաւ եւ Բոքորեան Սաբէէին գլուխը կտրեցին ու Յովաբին նետեցին։ Այն ատեն անիկա փող հնչեցուց ու ամէն մարդ այն քաղաքէն իր վրանը քաշուեցաւ։ Յովաբ ալ Երուսաղէմ թագաւորին դարձաւ։

ԴԱՒԻԹԻՆ ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐԸ

23 Եւ Յովաբ Իսրայէլի զօրքերուն վրայ էր ու Յովիադայի որդին Բանիա Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր։ 24 Ադորամ հարկերուն վրայ ու Աքիղուդի որդին Յովսափատ յիշատակներու դպիր էր 25 Եւ Սուսա ատենադպիր էր ու Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներ էին։ 26 Եւ Յայիրացի Իրաս ալ Դաւիթի նախարարն էր։

ՍԱՒՈՒՂԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ

21 1 Դաւիթին օրերը իրարու ետեւէ երեք տարի սով եղաւ։ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց։ Տէրը ըսաւ. «Ասիկա Սաւուղին ու անոր արիւնահեղ տանը համար է, քանզի անիկա Գաբաւոնացիները մեռցուց»։ Թագաւորը Գաբաւոնացիները կանչեց ու անոնց խօսեցաւ (Գաբաւոնացիները Իսրայէլի որդիներէն չէին, այլ Ամօրհացիներու մնացորդէն էին ու Իսրայէլի որդիները անոնց երդում ըրեր էին. բայց Սաւուղ Իսրայէլի ու Յուդայի որդիներուն դէմ բարկացած ըլլալուն համար՝ զանոնք զարնել ուզեր էր։) Եւ Դաւիթ Գաբաւոնացիներուն ըսաւ. «Ձեզի ի՞նչ ընեմ ու ինչո՞վ քաւութիւն ընեմ, որպէս զի Տէրոջը ժառանգութիւնը օրհնէք»։ Գաբաւոնացիները անոր ըսին. «Սաւուղէն ու անոր տունէն արծաթ կամ ոսկի չենք ուզեր ու Իսրայէլէն մարդ մը մեռցնել չենք ուզեր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինչ որ ըսէք՝ ձեզի պիտի ընեմ»։ Անոնք թագաւորին ըսին. «Այն մարդը որ մեզ ջարդեց ու մեզ այնպէս կորսնցնել ուզեց, որպէս զի ամենեւին Իսրայէլի սահմաններուն մէջ չգտնուինք, Անոր որդիներէն մեզի եօթը մարդ տուէք, որպէս զի զանոնք Տէրոջը ընտրեալ Սաւուղին Գաբաային մէջ Տէրոջը համար կախենք»։ Թագաւորը «Կու տամ», ըսաւ։
Թագաւորը Սաւուղեան Յովնաթանին որդիին Մեմփիբոսթէին խնայեց, Սաւուղին որդիին՝ Յովնաթանին ու Դաւիթին մէջտեղ եղած Տէրոջը երդումին համար։ Բայց թագաւորը Այիային աղջկան Ռեսփային երկու որդիները, որոնք Սաւուղին ծներ էր, այսինքն Արմոնին ու Մեմփիբոսթէն եւ Սաւուղին աղջկան Մեղքողին հինգ որդիները, որոնք Մաուլացի Բերզելիին որդիին Եդրիէլին ծներ էր, առաւ Ու զանոնք Գաբաւոնացիներուն ձեռքը տուաւ։ Անոնք ալ զանոնք Տէրոջը առջեւ լերանը վրայ կախեցին։ Եօթն ալ մէկտեղ մեռան։ Անոնք հունձքի առաջին օրերը, գարիի հունձքին սկիզբը մեռցուեցան։
10 Այիային աղջիկը՝ Ռեսփան՝ քուրձ մը առաւ, զանիկա ապառաժի մը վրայ փռեց, հունձքի սկիզբէն մինչեւ անոնց վրայ երկնքէն անձրեւ գալը։ Ցորեկը՝ երկնքի թռչունները ու գիշերը անապատին գազանները չէր թողուր որ անոնց դպչին։ 11 Սաւուղին հարճին, Այիային աղջկան Ռեսփային ըրածը Դաւիթին պատմեցին։ 12 Դաւիթ գնաց եւ Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները առաւ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներէն, որոնք Բեթսանի հրապարակէն զանոնք գողցեր էին, վասն զի Փղշտացիները զանոնք հոն կախեր էին այն օրը, երբ Փղշտացիները Գեղբուէի վրայ Սաւուղը մեռցուցեր էին։ 13 Սաւուղին ոսկորները ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները անկէ վերցուց ու կախուածներուն ոսկորներն ալ հաւաքեցին։ 14 Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները Բենիամինին երկիրը՝ Սելայի մէջ անոր հօրը Կիսի գերեզմանը թաղեցին ու թագաւորին բոլոր պատուիրածը ըրին։ Անկէ ետքը Աստուած երկրին համար եղած աղօթքը ընդունեց։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՓՂՇՏԱՑԻ ՀԱԿԱՆԵՐՈՒ ԴԷՄ

(Ա Մնաց. 20։4-8)

15 Փղշտացիները նորէն Իսրայէլի հետ պատերազմ ըրին։ Դաւիթ ու իր ծառաները իրեն հետ ելան ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրին։ Դաւիթ ուժասպառ եղաւ։ 16 Յեսբիբենոբ, որ Ռափայի որդիներէն էր, երեք հարիւր սիկղ ծանրութեամբ պղնձէ նիզակ մը ունէր ու մէջքը նոր սուր մը կապեր էր, ուզեց որ Դաւիթը զարնէ։ 17 Բայց Շարուհեայի որդին Աբեսսան անոր օգնութեան հասաւ ու Փղշտացին զարկաւ ու մեռցուց։ Այն ատեն Դաւիթին մարդիկը անոր երդում ըրին ու ըսին. «Ասկէ ետքը դուն մեզի հետ պատերազմի մի՛ ելլեր, որպէս զի Իսրայէլի ճրագը չմարի»։
18 Անկէ ետքը նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ Գովբի մէջ։ Այն ատեն Ովսացի Սովբաք Ռափայի որդիներէն Սեփիան մեռցուց։
19 Նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ Գովբի մէջ ու Բեթլեհեմացի Արիովրգիմի որդին Ելէանան Գեթացի Գողիաթին եղբայրը զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր։
20 Նորէն Գէթի մէջ պատերազմ եղաւ։ Երկայնահասակ մարդ մը կար, որուն ձեռքերուն մատները ու ոտքերուն մատները վեց վեց հատ ըլլալով՝ քսանըչորս մատ ունէր։ Անիկա ալ Ռափայի որդիներէն էր։ 21 Անիկա Իսրայէլը նախատեց. բայց Դաւիթին եղբօրը Սամաայի որդին Յովնաթան զանիկա զարկաւ։ 22 Այս չորսը Գէթի մէջ Ռափայէն ծներ էին եւ Դաւիթին ձեռքով ու անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան։

ԴԱՒԻԹԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԵՐԳԸ

22 1 Դաւիթ, այն օրը որ Տէրը զանիկա իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց, այս երգին խօսքերը Տէրոջը խօսեցաւ Ու ըսաւ.
«Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է.
Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ։
Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը,
Իմ աշտարակս, իմ ապաւէնս ու ազատիչս է։
Զիս անիրաւութենէն դո՛ւն կ’ազատես։
Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ
Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։
Քանզի մահուան ալիքները իմ բոլորտիքս առին
Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։
Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին
Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։
Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի
Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի,
Որ իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց
Ու իմ աղաղակս անոր ականջներուն հասաւ։
Այն ատեն երկիրը սասանեցաւ ու դողաց,
Երկնքի հիմերը շարժեցան ու սասանեցան,
Քանզի անիկա բարկացաւ։
Անոր քթէն ծուխ ելաւ
Ու բերնէն՝ մաշող կրակ։
Անկէ կայծակներ բռնկեցան։
10 Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ
Եւ անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։
11 Քերովբէի վրայ ելաւ ու թռաւ
Եւ հովին թեւերուն վրայ երեւցաւ։
12 Խաւարն ու թանձր ջուրերը
Ու երկնքի ամպերը իր բոլորտիքը վարագոյր քաշեց։
13 Անոր առջեւ եղող ճառագայթէն
Կրակի կայծակներ բռնկեցան։
14 Տէրը երկնքէն որոտաց
Ու Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ։
15 Նետեր ղրկեց ու զանոնք ցրուեց,
Կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։
16 Տէրոջը յանդիմանութիւնովը
Ու անոր բարկութեան հովին փչելովը
Ծովուն յատակները երեւցան
Ու աշխարհիս հիմերը յայտնուեցան։
17 Բարձրէն հասաւ ու զիս բռնեց
Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։
18 Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս,
Թէեւ ինձմէ զօրաւոր էին։
19 Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին.
Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ։
20 Զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց
Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։
21 Տէրը իմ արդարութեանս համեմատ կը վարձատրէ զիս,
Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի։
22 Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի
Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։
23 Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին
Ու անոր օրէնքներէն չհեռացայ։
24 Անոր առջեւ կատարեալ եղայ
Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։
25 Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ,
Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ, որ անոր աչքերուն առջեւն է։
26 Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս.
Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս։
27 Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս,
Ու ծուռին հետ կը ծռիս։
28 Վշտացած ժողովուրդը դո՛ւն կ’ազատես
Ու քու աչքերդ ամբարտաւաններուն վրայ են որպէս զի զանոնք ցածցնես։
29 Քանզի իմ ճրագս դուն ես, ո՛վ Տէր,
Ու Տէրը իմ խաւարս կը լուսաւորէ։
30 Վասն զի քեզմով գունդ մը կրնամ ջախջախել
Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէն կ’անցնիմ։
31 Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է։
Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։
Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։
32 Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած,
Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։
33 Աստուած իմ զօրաւոր բերդս է,
Որ իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։
34 Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ
Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կանգնեցնէ։
35 Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ։
Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն։
36 Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր
Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։
37 Իմ քալելու ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր
Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։
38 Իմ թշնամիներս հալածեցի ու զանոնք ջարդեցի
Ու ետ չդարձայ մինչեւ զանոնք հատցուցի։
39 Զանոնք հատցուցի ու գետինը զարկի, որպէս զի չկանգնին.
Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։
40 Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր
Եւ իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։
41 Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր,
Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։
42 Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար.
Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։
43 Այն ատեն զանոնք երկրի փոշիին պէս մանրեցի,
Զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխեցի ու ճմլեցի։
44 Իմ ժողովուրդիս կռիւներէն զիս ազատեցիր,
Ու զիս պահեցիր, որպէս զի ազգերու գլուխ ըլլամ
Ու իմ չճանչցած ժողովուրդս ինծի ծառայեց։
45 Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին.
Իրենց ականջներովը լսածնուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան։
46 Օտարները տկարացան
Ու իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։
47 Տէրը կենդանի է ու իմ վէմս օրհնեալ ըլլայ
Եւ իմ փրկութեանս վէմը՝ Աստուած՝ բարձր ըլլայ։
48 Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ,
Ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։
49 Իմ թշնամիներէս զիս դուրս հանելով
Զիս իմ վրաս ելլողներէն աւելի բարձրացուց
Ու բռնաւոր մարդէն ազատեց։
50 Ասոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ
Ու քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։
51 Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը
Ու իր օծեալին, Դաւիթին ու անոր սերունդին
Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է»։

ԴԱՒԻԹԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ

23 1 Դաւիթին վերջին խօսքերը ասոնք են։
Յեսսէի որդին Դաւիթ՝ այն մարդը, որ բարձրացաւ՝ Յակոբի Աստուծոյն օծեալը՝ ու Իսրայէլի վայելուչ երգերը շարադրողը, կ’ըսէ.
 2 «Տէրոջը Հոգին ինձմով խօսեցաւ
Ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր։
Իսրայէլին Աստուածը ըսաւ
Ու Իսրայէլին Վէմը ինծի խօսեցաւ
Ըսելով. ‘Մարդոց վրայ իշխողը թող արդար ըլլայ
Ու Աստուծոյ վախովը իշխէ’,
 4 Այն ատեն անիկա առաւօտեան լոյսին կը նմանի,
Որ արեւուն ծագած ատենը կ’երեւնայ,
Այնպիսի առաւօտի մը՝ որ առանց ամպի է
Ու արեւու ճառագայթին՝
Որ անձրեւէն ետքը գետնէն կանանչ խոտ կը բուսցնէ։
Թէեւ իմ տունս Աստուծոյ քով այսպէս չէ,
Սակայն ինծի հետ յաւիտենական ուխտ մը ըրաւ,
Որ ամէն բանի մէջ պատրաստ ու հաստատ է.
Քանզի իմ բոլոր փրկութիւնս ու իմ բոլոր բաղձանքս այս է.
Ու պիտի չծաղկեցնէ՞ զայն։
Բայց բոլոր անօրէնները
Դուրս նետուած փուշերու պէս պիտի ըլլան,
Քանզի անոնք ձեռքով չեն բռնուիր։
Անոնց դպչող մարդը
Երկաթը ու նիզակին բունը իրեն զէնք պիտի ընէ
Ու իրենց եղած տեղը
Բոլորովին կրակի մէջ պիտի այրին»։

ԴԱՒԻԹԻՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ

(Ա Մնաց. 11։10-41)

Դաւիթին զօրաւոր մարդոցը անունները ասոնք են. Յօսէբ–Բասեբեթ Թահքեմոնացին, որ զօրավարներուն գլխաւորն էր. անիկա է Ասօնացի Ադինօն, որ անգամ մը ութ հարիւր մարդ մէկէն մեռցուց։
Անկէ ետքը Աքուքացի Դովդայի որդին Եղիազարը, որ Դաւիթին հետ եղող երեք զօրաւորներէն մէկն էր, երբ անոնք պատերազմելու համար հոն հաւաքուած Փղշտացիները նախատեցին ու Իսրայէլի մարդիկը փախան։ 10 Ասիկա ելաւ ու Փղշտացիները զարկաւ, մինչեւ որ ձեռքը յոգնեցաւ ու ձեռքը իր սուրին վրայ փակաւ։ Տէրը այն օրը մեծ փրկութիւն ըրաւ ու ժողովուրդը անոր ետեւէն դարձաւ՝ միայն կողոպուտը առնելու համար։
11 Անկէ ետքը Արարացի Ագէին որդին Սամման էր։ Փղշտացիները գունդ մը կազմեցին ու հոն ոսպով լեցուն ագարակ մը կար։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ։ 12 Բայց անիկա ագարակին մէջտեղը կեցաւ, զանիկա պաշտպանեց ու Փղշտացիները զարկաւ եւ Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ։
13 Երեսուն զօրավարներուն երեքը իջան եւ հունձքի ատեն Ոդողոմին քարայրը՝ Դաւիթին եկան։ Փղշտացիներուն մէկ գունդը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր։ 14 Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Փղշտացիները Բեթլեհէմի մէջ բերդապահ զօրք ունէին։ 15 Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլեհէմին դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր պիտի խմցնէ»։ 16 Այն ատեն այս երեք զօրաւորները Փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին անցան ու Բեթլեհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին ու Դաւիթին բերին. բայց անիկա չուզեց անկէ խմել, հապա զանիկա թափելով՝ Տէրոջը նուիրեց 17 Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քա՜ւ լիցի որ ես այս բանը ընեմ. իրենց կեանքը վտանգի մէջ դնելով գացող մարդոց արի՞ւնը խմեմ» ու անկէ խմել չուզեց։ Ասոնք են այն երեք զօրաւոր մարդոց ըրածները։
18 Շարուհեան Յովաբին եղբայրը Աբեսսա այն երեք մարդոց գլխաւորն էր։ Անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց դէմ վերցնելով՝ սպաննեց զանոնք։ Անիկա երեքին մէջ անուանի էր։ 19 Ան ամենէն աւելի համարում ունենալուն համար, անոնց գլուխ եղաւ. բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։
20 Մեծ գործեր գործող Կաբեսէելացի զօրաւոր մարդու մը որդիին Յովիադայի որդին Բանիա Մովաբացի Արիէլին երկու որդիները մեռցուց։ Ձիւնի ժամանակ իջաւ ու գուբին մէջ առիւծը մեռցուց։ 21 Ասիկա տեսքով երեւելի Եգիպտացի մարդ մըն ալ մեռցուց։ Եգիպտացիին ձեռքը նիզակ մը կար, բայց Բանիա ցուպով մը անոր վրայ գնաց ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց եւ անոր նիզակովը զայն մեռցուց։ 22 Յովիադայի որդին Բանիա այս բաները ըրաւ ու երեք զօրաւորներուն մէջ անուանի եղաւ. 23 Երեսունէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ։
24 Յովաբին եղբայրը Ասայէլ երեսունէն էր. նաեւ Բեթլեհեմացի Դովդայի որդին Ելէանան, 25 Հարօդացի Սամմա, Հարօդացի Եղիկա, 26 Փելլատացի Քեղղէս. Թեկուացի Եկգեսի որդին Իրաս, 27 Անաթովթացի Աբիեզեր, Ովսացի Մեբունայ 28 Աքուքացի Սելմօն, Նետոփաթացի Մաարայ, 29 Նետոփաթացի Բաանայի որդին Ալաբ, Բենիամինի որդիներուն Գաբաայէն՝ Ռիփայի որդին Եթթի, 30 Փարաթոնացի Բանիա, Գաասի ձորերէն Ադդայի, 31 Արաբաթացի Աբիելբոն, Բարումացի Ազամօթ, 32 Սաղաբինացի Եղիաբա, Յասենի որդիներէն՝ Յովնաթան, 33 Արարացի Սամմա, Արարացի Սարարի որդին Աքիամ, 34 Մաքաթիի որդիին Ահասբայի որդին Եղիփաղէտ, Գեղոնացի Աքիտոփէլի որդին Եղիամ, 35 Կարմելացի Ասարէ, Արբացի Փաարայ, 36 Սուբացի Նաթանի որդին Իգաղ, Գադացի Բանի, 37 Ամմոնացի Սելեկ, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարա, 38 Յեթերացի Իրաս, Յեթերացի Գարեբ, 39 Քետացի Ուրիա. ամէնքը երեսունըեօթն էին։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՐԴԱՀԱՄԱՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ

(Ա Մնաց. 21։1-27)

24 1 Տէրոջը բարկութիւնը նորէն Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու Դաւիթը անոնց դէմ գրգռեց, ըսելով. «Գնա՛, Իսրայէլն ու Յուդան համրէ՛»։ Թագաւորը իր քով եղող Յովաբ զօրապետին ըսաւ. «Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, պտըտէ ու ժողովուրդը համրեցէք, որպէս զի ժողովուրդին թիւը գիտնամ»։ Յովաբ ըսաւ թագաւորին. «Քու Տէր Աստուածդ, ժողովուրդը որչափ որ է, հարիւրապատիկ աւելցնէ ու իմ թագաւոր տիրոջս աչքերը տեսնեն. բայց իմ թագաւոր տէրս ինչո՞ւ համար այս բանին կը ցանկայ»։ Բայց երբ թագաւորը պարտադրեց, որ Յովաբ եւ զօրավարները իրեն հնազանդին, Յովաբ զօրավարներուն հետ թագաւորին առջեւ ելաւ, որպէս զի Իսրայէլի ժողովուրդը համրէ։ Եւ Յորդանանէն անցան ու Գադի ձորին մէջ եղող քաղաքին աջ կողմը՝ Արոէր բանակեցան։ Ետքը Յազեր Եւ Գաղաադ ու Թաքթիմադասի երկիրը գացին։ Անկէ՝ Դանեաան ու Սիդոնի շրջակաները։ Անկէ Տիւրոսի ամրոցն ու Խեւացիներուն ու Քանանացիներուն բոլոր քաղաքները գացին եւ Յուդայի հարաւային կողմը Բերսաբէէ հասան։ Բոլոր երկիրը պտըտեցան եւ ինը ամիսէն ու քսան օրէն ետքը Երուսաղէմ դարձան։ Յովաբ ժողովուրդին համրանքին ցուցակը թագաւորին տուաւ։ Իսրայէլի մէջ ութ հարիւր հազար սուր քաշող պատերազմիկ կար եւ Յուդայեանները հինգ հարիւր հազար հոգի էին։
10 Դաւիթ ժողովուրդը համրելէն ետքը՝ իր խղճմտանքը զինք նեղեց։ Դաւիթ Տէրոջը ըսաւ. «Այս ընելով մեծ մեղք գործեցի. ո՛վ Տէր, հիմա քու ծառայիդ այս մեղքը ներէ. քանզի մեծ յիմարութիւն ըրի»։ 11 Երբ Դաւիթ առաւօտուն ելաւ, Տէրոջը խօսքը Դաւիթին տեսանողին, Գադ մարգարէին, եղաւ՝ ըսելով. 12 «Գնա՛ ու Դաւիթին ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի երեք բան կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէկը ընտրէ որ քեզի ընեմ’»։ 13 Գադ Դաւիթին գալով՝ անոր պատմեց ու անոր ըսաւ. «Եօթը տարի քու երկրիդ վրայ սո՞վ ըլլայ, կամ երեք ամիս քու թշնամիներուդ երեսէն փախչի՞ս ու անոնք քեզ հալածեն, կամ թէ երեք օր քու երկրիդ վրայ ժանտա՞խտ ըլլայ։ Հիմա մտածէ՛ ու ըսէ՛, թէ ի՞նչ պատասխան տանիմ զիս ղրկողին»։ 14 Դաւիթ Գադին ըսաւ. «Խիստ մեծ նեղութեան մէջ եմ. աւելի լաւ է Տէրոջը ձեռքը իյնալ, քանզի անոր գթութիւնը շատ է, քան մարդու ձեռք իյնալը»։
15 Տէրը այն առաւօտէն մինչեւ որոշուած ժամանակը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ ղրկեց։ Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ ժողովուրդէն եօթանասուն հազար մարդ մեռաւ։ 16 Աստուծոյ հրեշտակը ձեռքը Երուսաղէմի վրայ երկնցուց, որպէս զի զանիկա ջնջէ։ Այս չարիքին վրայ Տէրոջը սիրտը իջաւ ու ժողովուրդը ջնջող հրեշտակին ըսաւ. «Հերի՛ք է, ալ ձեռքդ քաշէ՛»։ Տէրոջը հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնայի կալին քով էր։ 17 Դաւիթ ժողովուրդը զարնող հրեշտակը տեսնելով՝ Տէրոջը ըսաւ. «Ահա ե՛ս մեղանչեցի ու ե՛ս անօրէնութիւն ըրի, բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին. կ’աղաչեմ, քու ձեռքդ իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ թող ըլլայ»։
18 Նոյն օրը Գադ Դաւիթին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ Տէրոջը սեղան մը կանգնեցուր»։ 19 Դաւիթ Գադին ըսածին համեմատ վեր ելաւ, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր։ 20 Ոռնա նայեցաւ ու երբ տեսաւ, որ թագաւորը եւ անոր ծառաները իրեն կու գան, ելաւ ու երեսը մինչեւ գետինը խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին։ 21 Ոռնա ըսաւ. «Արդեօք ի՞նչ պատճառով իմ թագաւոր տէրս իր ծառային եկաւ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Այս կալը քեզմէ ծախու առնելու ու Տէրոջը սեղան մը շինելու համար, որպէս զի ժողովուրդին վրայէն հարուածը վերնայ»։ 22 Ոռնա ըսաւ Դաւիթին. «Իմ թագաւոր տէրս զանիկա թող առնէ ու իր աչքերուն հաճոյ երեւցածին պէս զոհ ընէ։ Ահա եզները՝ ողջակէզի համար, կամնասայլերն ու եզներուն գործիքները՝ փայտի համար գործածէ»։ 23 Ասոնց ամէնքը Ոռնա թագաւորի մը պէս թագաւորին տուաւ ու Ոռնա՝ թագաւորին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ քեզ ընդունի»։ 24 Բայց թագաւորը Ոռնային ըսաւ. «Ո՛չ. հապա ես զանոնք քեզմէ անշուշտ ստակով ծախու պիտի առնեմ ու ձրի առածս իմ Տէր Աստուծոյս ողջակէզ պիտի չմատուցանեմ»։ Դաւիթ կալը ու եզները յիսուն սիկղ արծաթի ծախու առաւ։ 25 Դաւիթ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։ Տէրը լսեց անոր աղօթքը երկրին համար ու Իսրայէլի վրայէն հարուածը վերցուեցաւ։