ԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

ԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը. Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։

ՊՕՂՈՍ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը. Որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք. Քանզի ինչպէս Քրիստոսին չարչարանքները մեր վրայ շատ եղան, նմանապէս Քրիստոսին ձեռքովը մեր մխիթարութիւնն ալ շատ ըլլայ։ Եթէ նեղութիւն քաշենք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է եւ եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է, որ կը տոկաք համբերելով այն չարչարանքներուն՝ որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք։ Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը պիտի ըլլաք։ Վասն զի Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։ Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ. 10 Որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ 11 Ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի փրկէ, մեզի համար ձեր ըրած աղօթքին օգնութեամբը. որպէս զի շատերուն աղօթքին պատճառաւ մեզի եղած շնորհքին համար՝ շատերէն գոհութիւն տրուի մեզի համար։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

12 Վասն զի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզմտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ոչ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, հապա Աստուծոյ շնորհքովը աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ։ 13 Քանզի ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, հապա այն որ դուք կը կարդաք ու կը ճանչնաք եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վերջը պիտի ճանչնաք. 14 Ինչպէս քիչ շատ ճանչցաք մեզ, որ ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսին օրը։

15 Այս վստահութիւնով կ’ուզէի առաջ ձեզի գալ, որպէս զի դուք երկրորդ անգամ շնորհք ընդունիք. 16 Ու ապա անցնիլ դէպի Մակեդոնիա եւ դարձեալ Մակեդոնիայէն ձեզի գալ, որպէս զի դուք ճամբեցնէք դէպի Հրէաստան։ 17 Երբ այսպէս մտածեցի, միթէ երկմտութիւնո՞վ շարժեցայ. կամ թէ այն որ ես կը խորհիմ, մարմնաւորապէ՞ս կը խորհիմ, որպէս զի իմ կողմանէս «այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ» ըլլայ։ 18 Սակայն հաւատարիմ է Աստուած, որ մեր խօսքը ձեզի որ հասաւ «այո» եւ «ոչ» չէր։ 19 Վասն զի Աստուծոյ Որդին Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզմով ձեզի քարոզուեցաւ, ինձմով եւ Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով, «այո» ու «ոչ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «այո»ն։ 20 Քանզի որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր մէջ «Այո» են ու իր մէջ «Ամէն» են Աստուծոյ փառքին համար մեր ձեռքով։ 21 Բայց ան որ մեզ ձեզի հետ մէկտեղ Քրիստոսով հաստատեց ու մեզ օծեց, Աստուած է. 22 Որ մեզ կնքեց ալ եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ։ 23 Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, որ ձեզի խնայելուս համար տակաւին Կորնթոս չեկայ. 24 1։23 Սակայն ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք։

2 1 Սակայն ես ինձմէ որոշեցի, որ նորէն տրտմութիւնով չգամ ձեզի։ Վասն զի եթէ ես ձեզ տրտմեցնեմ, ալ ո՞վ է որ զիս պիտի ուրախացնէ եթէ ոչ ան՝ որ ինձմէ կը տրտմի։ Ասիկա գրեցի, որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ տրտմութիւն մը կրեմ անոնցմէ, որոնք պէտք է զիս ուրախացնեն. քանզի ձեր ամենուն վրայ վստահ եմ, որ իմ ուրախութիւնս ձեր ամենունն է։ Վասն զի շատ նեղութենէ եւ սրտի տագնապէ ես ձեզի գրեցի շատ արցունքով. ոչ թէ՝ որպէս զի դուք տրտմիք, հապա որպէս զի ճանչնաք այն սէ՛րը որ ես ունիմ ձեր վրայ։

ՆԱԽԱՏՈՂՆԵՐՈՒՆ ԹՈՂՈՒԹԻՒՆ

Եթէ մէկը տրտմեցուց, ոչ թէ զիս տրտմեցուց, հապա մասամբ (որպէս զի խօսքս ծանր չընեմ) ձեզ ամէնքդ։ Հերիք է այնպիսի մարդուն այն պատիժը, որ շատերէ տրուեցաւ։ Ուստի ընդհակառակն աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի։ Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք. Քանզի ասոր համար ալ գրեցի, որպէս զի ձեզ փորձելով գիտնամ թէ ամէն բանի մէջ հնազա՞նդ էք։ 10 Որուն որ դուք բան մը ներէք, ես ալ կը ներեմ. վասն զի եթէ ես ալ ներեմ, որու որ ներեմ՝ ձեզի համար է Քրիստոսին կողմանէ. 11 Որ չըլլայ թէ զրկանք մը կրենք Սատանայէն. քանզի անոր խորհուրդները գիտենք։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԱՆՁԿՈՒԹԻՒՆԸ ՏՐՈՎԱԴԱՅԻ ՄԷՋ

12 Երբ Տրովադա հասայ Քրիստոսին աւետարանը քարոզելու, գտայ թէ ինծի դուռ մը բացած էր Տէրը, 13 Բայց իմ հոգիիս մէջ հանգստութիւն չունեցայ, վասն զի իմ Տիտոս եղբայրս հոն չգտայ. ուստի անոնցմէ հրաժարելով՝ Մակեդոնիա գացի։

ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆ

14 Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ մեզի յաղթութիւն կու տայ Քրիստոսով որ զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով յայտնի կ’ընէ ամէն տեղ։ 15 Վասն զի մենք Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսին անոյշ հոտն ենք թէ՛ փրկուածներուն մէջ եւ թէ՛ կորսուածներուն։ 16 Ոմանց՝ մահուան հոտ դէպի մահ եւ ոմանց՝ կենդանութեան հոտ՝ դէպի կեանք։ Ո՞վ կարող է այս գործը կատարել։ 17 Քանզի մենք շատերուն պէս չենք, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը խարդախեն, հապա կը խօսինք անկեղծութեամբ, որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով։

ՆՈՐ ՈՒԽՏԻՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ

3 1 Սկսի՞նք նորէն ինքզինքնիս գովել. կամ թէ ոմանց պէս պէ՞տք է մեզի յանձնարարութեան թուղթեր ձեզի կամ ձեզմէ։ Բայց մեր թուղթը դուք էք մեր սրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած ամէն մարդէ. Յայտնի ըլլալով որ դուք Քրիստոսին թուղթն էք մեր սպասաւորութիւնովը, ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա կենդանի Աստուծոյ Հոգիովը, ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա սրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ։ Մենք վստահութիւն ունինք Աստուծոյ վրայ Քրիստոսին ձեռքով. Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք բան մը խորհելու՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է. Որ մեզ յարմարցուց նոր կտակարանին պաշտօնեաներ ըլլալու, ո՛չ թէ գրին, հապա հոգիին. վասն զի գիրը կը սպաննէ, բայց հոգին կ’ապրեցնէ։ Իսկ եթէ քարերու վրայ գրով փորուած մահուան օրէնքը այնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար Մովսէսին երեսին նայիլ՝ անոր երեսին պայծառութեան համար, որ պիտի խափանուէր. Ուրեմն հոգիին օրէնքը որքա՜ն աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ։ Վասն զի եթէ դատապարտութեան պաշտօնը փառաւոր էր՝ ո՜րչափ աւելի արդարութեան պաշտօնը փառաւոր պիտի ըլլայ։ 10 Վասն զի այն որ փառաւոր էր՝ անփառունակ դարձաւ զինք գերազանցող փառքին պատճառաւ։ 11 Քանզի եթէ այն որ պիտի խափանուէր՝ փառաւոր էր, որչա՜փ աւելի այն որ մնայուն է՝ փառաւոր պարտի ըլլալ։ 12 Ուստի այսպիսի յոյս մը ունենալով, շատ համարձակութեամբ կը վարուինք մեր խօսքին մէջ 13 Եւ ո՛չ թէ ինչպէս Մովսէս իր երեսին վրայ ծածկոց կը ձգէր, որպէս զի Իսրայէլի որդիները չնայէին այն խափանուելու բաներուն վախճանին։ 14 Սակայն անոնց մտքերը կուրցան. վասն զի մինչեւ այսօր նոյն ծածկոցը ձգուած է հին կտակարանին վրայ ու չի վերնար, վասն զի Քրիստոսով կը խափանուի, 15 Հապա մինչեւ այսօր, երբ Մովսէսին գիրքը կը կարդան, անոնց սրտին վրայ ծածկոց մը կը կենայ։ 16 Բայց երբ Տէրոջը դառնան, այն ատեն պիտի վերնայ այն ծածկոցը։ 17 Արդ՝ Տէրը Հոգին է եւ ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ։ 18 Բայց մենք ամէնքս, բաց երեսով Տէրոջը փառքը որպէս թէ հայելիի մէջ տեսնելով, նոյն պատկերին համաձայն կը նորոգուինք փառքէ փառք, որպէս թէ Տէրոջը Հոգիէն։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԳԱՆՁ ԿԱՒԷ ԱՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

4 1 Այս պաշտօնը ստացանք Աստուծոյ ողորմութիւնով, ուստի չենք ձանձրանար. Հապա կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ. հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ։ Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած ալ է, կորսուածներուն համար ծածկուած է. Որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը։ Վասն զի ո՛չ թէ անձերնիս կը քարոզենք, հապա Քրիստոս Յիսուս Տէրը ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսին համար. Վասն զի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։ Արդ՝ մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ։ Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք. Հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք։ 10 Ամէն ատեն Յիսուսին մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի։ 11 Վասն զի մենք որ կենդանի ենք՝ Յիսուսին համար մահուան կը մատնուինք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ յայտնի ըլլայ։ 12 Ուստի մահը մեր մէջ կը ներգործէ եւ կեանքը՝ ձեր մէջ։ 13 Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է. «Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ»։ Մենք ալ կը հաւատանք ու անոր համար կը խօսինք։ 14 Գիտենք թէ ան որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ մեզ ալ Յիսուսով պիտի յարուցանէ ու անոր առջեւ պիտի կայնեցնէ ձեզի հետ։ 15 Վասն զի ամէն բան ձեզի համար է, որպէս զի շատերուն գոհութեամբ առատացած շնորհքը՝ աւելնայ Աստուծոյ փառքին համար։

ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՊՐԻԼ

16 Այս պատճառով չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի։ 17 Վասն զի մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ, 18 Ուստի մենք երեւցած բաներուն չնայինք, հապա չերեւցածներուն. քանզի երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական։

5 1 Վասն զի գիտենք թէ եթէ մեր վրանի նման երկրաւոր տունը քակուի, շինուածք մը ունինք Աստուծմէ, անձեռագործ յաւիտենական տուն մը երկնքի մէջ։ Եւ յիրաւի ասոր մէջ կը հառաչենք՝ մեր երկնաւոր բնակութիւնը հագնիլ փափաքելով. Միայն թէ երբ զայն հագնելու ըլլանք, մերկ չգտնուինք։ Որչափ ատեն որ այս վրանին տակն ենք, կը հառաչենք ծանրութիւն քաշելով, վասն զի չենք ուզեր մեր վրայէն հանել, հապա զանիկա ասոր վրայէն հագնիլ, որպէս զի մահկանացութիւնը ընկղմի այն կեանքին մէջ։ Աստուած մեզ այս բանին կը պատրաստէ, որ նաեւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւականը։ Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունենանք, քանզի գիտենք թէ որչափ մարմնի մէջ ենք, Տէրոջմէն հեռու ենք. Վասն զի հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով. Ուստի վստահութիւն ունենանք եւ ա՛լ աւելի ուզենք մարմնէն հեռանալ ու Տէրոջը քով կենալ։ Ասոր համար ջանանք որ թէ՛ կենանք եւ թէ՛ հեռանանք՝ անոր հաճոյ ըլլանք։ 10 Վասն զի պէտք է որ ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ ներկայանանք, որպէս զի ամէն մէկը իր մարմնովը ըրածներուն փոխարէնը առնէ՝ ինչ որ գործեր է, թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ

11 Ուստի Տէրոջը վախը գիտնալով՝ մարդոց միտքը հաճեցնենք. սակայն մենք Աստուծոյ առջեւ յայտնի ենք եւ կը յուսամ թէ ձեր խղճմտանքին մէջ ալ յայտնի ենք։ 12 Ոչ թէ նորէն անձերնիս ձեզի կ’ընծայենք. հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէս զի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ աչքի երեւցածով կը պարծենան ու ո՛չ թէ սրտով։ 13 Վասն զի եթէ խենթեցած ենք՝ այն Աստուծոյ համար է եւ եթէ զգաստ ենք՝ այն ձեզի համար է, 14 Վասն զի Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ եւ մեր համոզումն է թէ՝ եթէ մէկը ամենուն համար մեռաւ, ուրեմն ամէնքն ալ մեռան։ 15 Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։ 16 Ուստի ասկէ յետոյ մենք մէկը մարմնով չենք ճանչնար, թէեւ Քրիստոսը մարմնով ճանչցանք, բայց հիմա ա՛լ այնպէս չենք ճանչնար։ 17 Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ։ 18 Սակայն ամէն բան Աստուծմէն է, որ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով ու տուաւ մեզի հաշտութեան պաշտօնը. 19 Այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց ու մեզի վստահեցաւ հաշտութեան պատգամը։ 20 Ուրեմն Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք, որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ. մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ։ 21 Վասն զի Աստուած զանիկա որ մեղք չէր գիտեր, մեզի համար մեղաւոր սեպեց, որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք։

6 1 Ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով՝ կ’աղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։ Վասն զի «Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի», կ’ըսէ, «եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի»։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը։ Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։ Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս՝ շատ համբերութիւնով վշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու, Ծեծերու, բանտերու, խռովութիւններու, աշխատութիւններու, հսկումներու, ծոմերու մէջ, Մաքրութիւնով, գիտութիւնով, երկայնմտութիւնով, քաղցրութիւնով, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով, Ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութիւնով, արդարութեան զէնքերով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է։ Փառքով ու անարգութիւնով, գովութիւնով ու պարսաւանքով, մոլորեցնողներու պէս՝ ու ճշմարիտներ։ Անծանօթներու պէս եւ ծանօթներ, մեռնողներու պէս եւ ահա կենդանի ենք, պատժուածներու պէս ու չենք սպաննուած։ 10 Տրտմածներու պէս ու միշտ ուրախ ենք, աղքատներու պէս ու շատերը կը հարստացնենք, բան մը չունեցողներու պէս եւ ամէն բան ստացած ենք։ 11 Մեր բերանը ձեզի բացուած է, ո՜վ Կորնթացիք եւ մեր սիրտը լայնցած։ 12 Դուք մեր կողմէն չէք նեղուիր, հապա ձեր ունեցած գութին կողմէ կը նեղուիք։ 13 Ուստի անոր հատուցում ընելու համար, իբրեւ որդիներուս կը խօսիմ ձեզի, դուք ալ դէպի զիս լայն բացէք ձեր սրտերը։

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

14 Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ 15 Եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարին հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ 16 Եւ ի՞նչ յարմարութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ. վասն զի դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք. ինչպէս Աստուած ըսաւ, թէ «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց մէջ պիտի քալեմ եւ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։ 17 «‘Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘պիղծ բանի մի՛ դպչիք’». 6։18 «‘Ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ’»։ 18 «‘Եւ ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ ու դուք ինծի տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ըլլաք’, կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը»։

7 1 Ուստի, սիրելինե՛ր, որովհետեւ մենք այս խոստումները ունինք, մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը։

ՊՕՂՈՍԻՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Ընդունեցէք մեզ։ Մարդո՛ւ վնաս չտուինք, ո՛չ մէկը եղծեցինք եւ ո՛չ մէկը զրկեցինք։ Ո՛չ թէ ձեզ դատապարտելու համար այս կ’ըսեմ. որովհետեւ ես առաջուընէ ըսեր եմ թէ դուք մեր սրտերուն մէջ էք՝ մեռնելու եւ ապրելու ձեզի հետ։ Մեծ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ, շատ հպարտ եմ ձեզմով, լեցուն եմ մխիթարութիւնով, ուրախ եմ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ։ Վասն զի երբ մենք Մակեդոնիա հասանք, բնաւ մեր մարմինը հանգստութիւն չունեցաւ, այլ ամէն կողմէ նեղութիւն քաշեցինք. դուրսէն պատերազմներ կային ու ներսէն՝ վախեր։ Բայց Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց Տիտոսին գալովը։ Եւ ո՛չ միայն անոր գալովը, հապա այն մխիթարութիւնովն ալ՝ որով ինք մխիթարուեր էր ձեզմով երբ մեզի պատմեց ձեր բաղձանքը, ձեր ողբը, ձեր ինծի համար ունեցած նախանձախնդրութիւնը, այնպէս որ ա՛լ աւելի ուրախ եղայ։ Վասն զի եթէ ձեզ տրտմեցուցի այն թուղթով, չեմ զղջար, (թէեւ զղջացեր էի,) քանզի կը տեսնեմ թէ այն թուղթը ձեզ տրտմեցուց, թէեւ քիչ մը ատեն։ Արդ՝ ուրախ եմ, ոչ թէ որ տրտմեցաք, հապա որ ապաշխարութեան համար տրտմեցաք. որովհետեւ դուք Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմեցաք, այնպէս որ բանով մըն ալ ձեզի չվնասեցի։ 10 Վասն զի Աստուծոյ ուզածին պէս եղած տրտմութիւնը փրկութեան համար ապաշխարութեան կ’առաջնորդէ, որ չի զղջացներ. բայց աշխարհի տրտմութիւնը մահ կը պատճառէ։ 11 Քանզի դուք Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմեցաք, ձեր մէջ ո՛րչափ սրտմտութիւն, ո՛րչափ վախ, ո՛րչափ բաղձանք, ո՛րչափ նախանձախնդրութիւն, ո՛րչափ վրէժխնդրութիւն յառաջ բերիք. ամէն կերպով ինքզինքնիդ ցուցուցիք թէ այդ բանին մէջ մաքուր էք։ 12 Ուրեմն այն որ ես ձեզի գրեցի, ո՛չ թէ զրկանքը ընողին համար էր եւ ո՛չ ալ զրկանքը կրողին համար, հապա որպէս զի ձեր վրայ ունեցած մեր հոգածութիւնը յայտնի ըլլայ Աստուծոյ առջեւ։ 13 Ուստի ասոր համար մենք մխիթարուեցանք եւ շատ աւելի ալ ուրախացանք Տիտոսին ուրախութեանը համար, վասն զի անոր հոգին բոլորէդ հանգստութիւն գտեր էր։ 14 Վասն զի անոր առջեւ ձեզմով պարծենալուս համար ամօթով չմնացի. հապա ինչպէս ամէն բան ճշմարտութիւնով խօսեցանք ձեզի, նոյնպէս Տիտոսին առջեւ պարծենալնիս ալ ճշմարիտ եղաւ։ 15 Նաեւ իր սէրը աւելի զօրացած է ձեր վրայ, երբ կը յիշէ ձեր ամենուն հնազանդութիւնը, թէ ի՛նչպէս վախով ու դողով զանիկա ընդուներ էք։ 16 Ուստի ուրախ եմ որ ամէն բանի մէջ ձեր վրայ վստահութիւն ունիմ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄ

8 1 Արդ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կը ցուցնենք Աստուծոյ շնորհքը, որ Մակեդոնացիներու եկեղեցիներուն տրուած է. Որ նեղութեան մեծ փորձին մէջ իրենց ուրախութիւնը աւելցաւ եւ իրենց ծանր աղքատութեանը մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութեան մղուեցան։ Վասն զի ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան չափովը ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամութեամբ, Կ’աղաչէին որ տուրքերը ու սուրբերուն համար եղած օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք։ Ոչ միայն որչափ մենք կը յուսայինք, հապա անձերնին ալ տուին առաջ՝ Տէրոջը ու ետքը՝ մեզի՝ Աստուծոյ կամքովը։ Տիտոսին ալ աղաչեցինք, որ ինչպէս անիկա առաջուընէ սկսաւ, նոյնպէս ալ ձեր մէջ կատարէ այդ շնորհքն ալ։ Բայց ինչպէս ամէն բանով առատացած էք դուք, հաւատքով ու խօսքով ու գիտութիւնով եւ ամէն ջանքով ու մեր վրայ եղած ձեր սիրովը, նայեցէք որ այդ շնորհքով ալ առատանաք. Ո՛չ թէ հրամայելով կը խօսիմ, հապա ուրիշներուն ջանքը տեսնելով, որպէս զի փորձեմ ձեր սիրոյն հարազատութիւնը։ Քանզի դուք գիտէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը, թէ ինք ձեզի համար աղքատ եղաւ՝ ան որ հարուստ էր, որպէս զի դուք անոր աղքատանալովը հարստանաք։ 10 Եւ այս բանին համար խրատ կու տամ. վասն զի ասիկա ձեր օգտին համար է, դուք որ ոչ թէ միայն ընելը, հապա կամենալն ալ առաջուընէ սկսեցաք՝ անցած տարուընէ ի վեր. 11 Ուստի հիմա ընելն ալ կատարեցէք, որպէս զի ինչպէս կամքի յօժարութիւն կայ, նոյնպէս ալ ընելը ձեր ունեցածներուն չափովը ըլլայ։ 12 Վասն զի եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը։ 13 Վասն զի ոչ թէ ես ուրիշներուն հանգստութիւն կ’ուզեմ ու ձեզի՝ նեղութիւն. 14 Հապա հաւասարութիւն։ Այսօրուան ձեր աւելին անոնց պակասութիւնը լեցնէ, որպէս զի անոնց աւելին ալ օր մը լեցնէ ձեր պակասութիւնը, որպէս զի հաւասարութիւն ըլլայ։ 15 Ինչպէս գրուած է. «Ան որ շատ ժողվեց՝ չաւելցաւ ու ան որ քիչ՝ չպակսեցաւ»։

ՏԻՏՈՍ ԵՒ ԻՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ

16 Գոհութիւն Աստուծոյ, որ Տիտոսը կը բաղձայ մեզի նման ձեզի օգնել։ 17 Վասն զի մեր աղաչանքը ընդունեց եւ յօժարեցաւ իր կամքովը ձեզի գալու։ 18 Անոր հետ ղրկեցինք այն եղբայրը, որուն գովութիւնը աւետարանին մէջ է՝ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ 19 Եւ ոչ միայն այսքան, հապա նաեւ եկեղեցիներէն ընտրուեցաւ մեզի ճամբորդութեան ընկեր ըլլալու այս տուրքերուն մէջ, որ մենք կը ծառայենք Տէրոջը փառքին համար ու ձեր յօժարութիւնովը։ 20 Բայց այս մասին զգուշութիւն կ’ընէինք, որ չըլլայ թէ մէկը արատ մը դնէ մեր վրայ այս առատութեանը մէջ, որուն մենք կը ծառայենք։ 21 Քանզի ո՛չ միայն Տէրոջը առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ բարի բաներ ընելու հոգ կը տանինք։ 22 Անոնց հետ մեր եղբայրը ղրկեցինք, որ շատ բաներու մէջ փորձելով՝ շատ անգամ յօժարամիտ գտեր ենք ու հիմա ա՛լ աւելի յօժարամիտ՝ այն մեծ վստահութիւնով որ ձեր վրայ ունի։ 23 Բայց եթէ Տիտոսին համար կը հարցնէք, անիկա իմ ընկերս է եւ ձեր մէջ իմ գործակիցս. իսկ եթէ մեր եղբայրներուն համար՝ անոնք եկեղեցիներուն ղրկուածներն են ու Քրիստոսին փառքը։ 24 Ուստի ձեր սիրոյն եւ մեր ձեր վրայով պարծենալուն ապացոյցը ատոնց վրայ ցուցուցէք՝ եկեղեցիներուն առջեւ։

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ

9 1 Սուրբերուն տրուելիք օգնութեան վրայ աւելորդ է ձեզի գրել։ Վասն զի գիտեմ ես ձեր յօժարութիւնը, որուն համար կը պարծենամ ձեզի համար Մակեդոնացիներուն մէջ, թէ Աքայիացիները անցած տարուընէ ի վեր պատրաստ են։ Ասիկա շատերուն բարի նախանձը գրգռեց։ Եւ ահա եղբայրներս ղրկեցի, որպէս զի մեր ձեզի համար պարծենալը այդ մասին մէջ պարապ չելլէ, հապա պատրաստ գտնուիք, ինչպէս ըսեր եմ. Որ չըլլայ թէ երբ Մակեդոնացիները ինծի հետ գան ու ձեզ անպատրաստ գտնեն, մենք (որ չըսենք թէ դուք) ամօթով մնանք այս պարծանքին վստահութեանը մէջ։ Ուստի հարկաւոր սեպեցի եղբայրներուն աղաչել, որ առաջուընէ ձեզի գան ու ժամանակին կարգի դնեն ձեր խոստացած ընծան, որպէս զի պատրաստ ըլլայ, այնպէս որ մասնաւոր ընծայի պէս ըլլայ, ո՛չ թէ ակամայ տրուածի պէս։ Բայց ասիկա կ’իմացնեմ թէ՝ ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։ Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ։ Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհքները ձեզի տալ, որպէս զի ամէն բանի մէջ ամէն ատեն բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով՝ բարիք գործէք առատութեամբ. Ինչպէս գրուած է. «Տարածեց ու աղքատներուն տուաւ։ Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ 10 Եւ անիկա որ սերմ ցանողին սերմ կը պարգեւէ եւ կերակուրի համար՝ հաց, ձեզի սերմանելիք պիտի պարգեւէ եւ աւելցնէ ու ձեր արդարութեան պտուղները շատցնէ. 11 Որպէս զի ամէն բանի մէջ հարստանաք ամէն կերպ առատութիւնով, որ մեր ձեռքով պիտի մղէ գոհութիւն տալ Աստուծոյ։ 12 Վասն զի այս պաշտօնին մատակարարութիւնը ո՛չ միայն սուրբերուն պակասութիւնը լեցնելու համար է, հապա որ աւելի շատ գոհանան Աստուծմէ։ 13 Այս պաշտօնին փորձովը Աստուած պիտի փառաւորեն՝ Քրիստոսին աւետարանը խոստովանելու հնազանդութեանը համար եւ այն առատաձեռնութեանը համար՝ որով հաղորդակցութիւն կ’ընէք անոնց ու ամենուն հետ. 14 Եւ անոնք ձեզի համար պիտի աղօթեն ձեզի ցանկալով՝ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար որ ձեզի տրուած է։ 15 Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար։

ՊՕՂՈՍ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

10 1 Ես՝ Պօղոսս՝ ձեզի կ’աղաչեմ Քրիստոսին հեզութիւնովն ու քաղցրութիւնովը, որ երես առ երես գտնուած ատենս խոնարհ եմ ձեր մէջ, բայց հեռուէն համարձակ կը խօսիմ. Կ’աղաչեմ որ չըլլայ թէ մօտէն ալ համարձակիմ այն վստահութիւնովը՝ որով միտք ունիմ ցուցնել մէկ քանիներուն, որոնք մեր վրայով այնպէս կը կարծեն թէ մարմնաւորապէս կը քալենք։ Քանզի թէպէտ մարմինով կը քալենք, բայց ո՛չ թէ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ’ընենք, Վասն զի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։ Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ’ընենք։ Պատրաստ ենք վրէժ առնելու ամէն անհնազանդութենէ, որպէս զի ձեր հնազանդութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Դուրսի երեւոյթի՞ն կը նայինք։ Կա՞յ մէկը որ վստահ ըլլայ իր անձին վրայ՝ թէ ինք Քրիստոսինն է։ Ան նորէն ինքնիրմէ թող խորհի՝ թէ ինչպէս ինք Քրիստոսինն է, նոյնպէս ալ մենք։ Քանզի եթէ աւելի ալ պարծենալու ըլլամ այն մեր իշխանութեանը համար՝ որ Տէրը մեզի տուաւ՝ ձեզ շինելու եւ ոչ թէ քակելու համար, պիտի չամչնամ. Որպէս զի այնպէս չսեպուիմ, որպէս թէ ես թուղթերովս ձեզի վախ կը պատճառեմ. 10 Քանզի «‘Անոր թուղթերը’, կ’ըսէ մէկը, ‘ծանր ու զօրաւոր են, բայց անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ’»։ 11 Այնպիսին թող խորհի, թէ մենք հեռուէն ի՛նչպէս ենք խօսքով ու թուղթերով, մօտէն ալ նո՛յնպէս պիտի ըլլանք գործով։ 12 Վասն զի մենք չենք համարձակիր մեր անձը կշիռքի դնել ու բաղդատել ոմանց հետ, որ ինքզինքնին կը գովեն. բայց իրարմով իրենց անձերը կը չափեն եւ զիրենք իրարու հետ բաղդատելով՝ չեն հասկնար։ 13 Բայց մենք չափէ դուրս բաներով պիտի չպարծենանք, հապա այն կանոնին չափովը՝ որ Աստուած մեզի բաժին տուաւ մինչեւ ձեզի հասնելու. 14 Ո՛չ թէ որպէս թէ մենք ձեզի հասած չենք ու ինքզինքնիս չափէն աւելի կ’երկնցնենք, վասն զի Քրիստոսին աւետարանովը մինչեւ ձեզի հասանք։ 15 Եւ ո՛չ թէ չափէ դուրս բաներով՝ ուրիշներուն աշխատանքովը կը պարծենանք՝ հապա յոյս ունինք, որ ձեր հաւատքը աւելնալուն՝ մեր գործին չափովը ձեզմէ աւելի ընդարձակուինք, 16 Ձեզմէ անդին աւետարանը քարոզելու եւ ո՛չ թէ պատրաստ բաներու վրայ պարծենալու ուրիշի մը գործով։ 17 Բայց ան որ կը պարծենայ՝ թող Տէրոջմով պարծենայ։ 18 Վասն զի ո՛չ թէ ան որ իր անձը կը գովէ՝ անիկա է ընտրուածը, հապա ան՝ որ Տէրը կը գովէ։

ՊՕՂՈՍ ԵՒ ԿԵՂԾ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ

11 1 Երանի՜ թէ քիչ մը ներէիք իմ անմտութեանս եւ իրաւցնէ հանդուրժէիք ինծի։ Վասն զի ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ։ Վասն զի ես ձեզ էրկան մը նշանեցի՝ մաքուր կոյսի մը պէս Քրիստոսին առջեւ հանելու։ Միայն թէ կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն։ Վասն զի եթէ մէկը գալու ըլլայ եւ ուրիշ Յիսուս մը քարոզէ՝ որ մենք չքարոզեցինք, կամ ուրիշ հոգի առնէք՝ որ մեզմէ չառիք, կամ ուրիշ աւետարան՝ որ մեզմէ չէք ընդունած, այնպիսիներուն ալ աղէկ կը հանդուրժէիք։ Քանզի ես այսպէս կը սեպեմ՝ թէ ամենէն երեւելի առաքեալներէն բանով մըն ալ պակաս չեմ։ Թէպէտ խօսքի մէջ անվարժ եմ, բայց ո՛չ գիտութեան կողմէ. սակայն ամէն բանի մէջ բոլորովին անձերնիս ձեզի յայտնի ցուցուցինք։ Միթէ յանցա՞նք գործած եղայ՝ որ Աստուծոյ աւետարանը ձեզի ձրի քարոզելով իմ անձս խոնարհեցուցի, որպէս զի դուք բարձրանաք, Ուրիշ եկեղեցիներ կողոպտեցի, անոնցմէ թոշակ առնելով ձեզի ծառայելու համար։ Ձեր քով գտնուած ատենս երբ պակասութիւն ունեցայ, ձեզմէ մէկո՛ւն ձանձրութիւն չտուի. վասն զի իմ պակասութիւնս լեցուցին Մակեդոնիայէն եկող եղբայրները եւ ամէն կերպով ձեզի ծանրութիւն տալէ զգուշացայ ու պիտի զգուշանամ ալ։ 10 Քրիստոսին ճշմարտութիւնը իմ ներսիդիս է, որ այս իմ պարծենալս պիտի չխափանուի Աքայիայի կողմերն ալ։ 11 Ինչո՞ւ. որպէս թէ չե՞մ սիրեր ձեզ։ Ատիկա Աստուած գիտէ։ 12 Բայց ինչ որ ըրի, պիտի ընեմ ալ, որպէս զի առիթ չտամ անոնց՝ որոնք պատճառ կը փնտռեն, որպէս զի պարծենան թէ իրենք ալ մեզի պէս են։ 13 Վասն զի այնպիսիները՝ սուտ առաքեալներ, խաբեբայ բանուորներ ըլլալով՝ Քրիստոսին առաքեալներուն կերպարանքը իրենց վրայ կ’առնեն։ 14 Եւ զարմանալի չէ. վասն զի Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ։ 15 Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր պաշտօնեաներն ալ արդարութեան պաշտօնեաներուն կերպարանքը առնեն։ Իրենց վերջը իրենց գործերուն համեմատ պիտի ըլլայ։

ՊՕՂՈՍԻՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ ԻԲՐ ԱՌԱՔԵԱԼ

16 Դարձեալ կ’ըսեմ, ոչ ոք զիս անմիտ թող սեպէ, բայց գոնէ անմիտի մը պէս զիս ընդունեցէք, որպէս զի ես ալ քիչ մը պարծենամ։ 17 Ինչ որ ես կը խօսիմ, ո՛չ թէ Տէրոջը կամքին պէս կը խօսիմ, հապա որպէս թէ անմտութիւնով մը՝ այդ պարծենալուն վստահութիւնովը։ 18 Որովհետեւ շատեր մարմնի կողմանէ կը պարծենան, ես ալ պիտի պարծենամ։ 19 Քանզի դուք իմաստուն ըլլալով յօժարութեամբ կը համբերէք անմիտներուն։ 20 Կը համբերէք, նոյնիսկ եթէ մէկը ձեզ ծառայեցնէ, եթէ մէկը ձեր ստացուածքը ուտէ, եթէ մէկը ձեզմէ բան մը առնէ, եթէ մէկը ձեր վրայ հպարտանայ, եթէ մէկը ձեր երեսին զարնէ։ 21 Ամչնալով կը խօսիմ, իբր թէ մենք տկար էինք, բայց ինչ բանով որ կը համարձակի մէկը պարծենալ, (անմտութեամբ կը խօսիմ,) ե՛ս ալ կը համարձակիմ։ 22 Անոնք Եբրայեցի՞ են, ե՛ս ալ։ Իսրայելացի՞ են, ե՛ս ալ։ 23 Աբրահամի՞ն սերունդէն են, ե՛ս ալ։ Քրիստոսի՞ն պաշտօնեաներ են, (յիմարաբար կը խօսիմ,) ա՛լ աւելի ես։ Աշխատանքներով՝ աւելի, ծեծերով՝ ա՛լ աւելի, բանտարկութիւններով՝ աւելի, մահուան վտանգներով՝ շատ անգամ։ 24 Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ կերայ։ 25 Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ։ Մէկ անգամ քարկոծուեցայ։ Երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցայ։ Գիշեր մը ու ցորեկ մը ծովուն անդունդը մնացի։ 26 Շատ անգամ ճամբորդութիւններու մէջ չարչարուեցայ. գետերէն՝ վտանգներ, աւազակներէն՝ վտանգներ, իմ ազգէս՝ վտանգներ, հեթանոսներէն՝ վտանգներ, քաղաքի մէջ՝ վտանգներ, անապատի մէջ՝ վտանգներ, ծովու վրայ՝ վտանգներ, սուտ եղբայրներու մէջ վտանգներ կրեցի։ 27 Ջանքի ու աշխատանքի մէջ, շատ անգամ անքուն գիշերներու, անօթութեան ու ծարաւի մէջ, շատ անգամ ծոմ կենալու մէջ, ցուրտի ու մերկութեան մէջ էի։ 28 Մոռնանք արտաքին նեղութիւնները։ Ամէն օրուան զբաղումները, բոլոր եկեղեցիներուն հոգը վրաս կը դիզուէր։ 29 Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար։ Ո՞վ կը գայթակղի ու իմ սիրտս չ’այրիր։ 30 Եթէ պարծենալ պէտք ըլլայ, միայն տկարութեանս բաներուն վրայ կրնամ պարծենալ։ 31 Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ յաւիտեան օրհնեալ է, գիտէ թէ սուտ չեմ խօսիր։ 32 Դամասկոսի մէջ Արետա թագաւորին ազգապետը զիս բռնելու համար՝ դռներուն քով պահապաններ դրեր էր։ 33 Զիս պատուհանէ մը զամբիւղով պարիսպէն վար իջեցուցին ու անոր ձեռքէն փախայ։

ՊՕՂՈՍԻՆ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ ԵՒ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

12 1 Պարծենալը իրաւցնէ անօգուտ է. միայն թէ Տէրոջը տեսիլքներուն ու յայտնութիւններուն հասնիմ։ Մարդ մը կը ճանչնայի Քրիստոսով, որ տասնըչորս տարի առաջ (մարմինո՞վ էր՝ չեմ գիտեր, կամ առա՞նց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ), յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը։ Ու կը ճանչնայի ուրիշ մարդ մը, (մարմնո՞վ թէ առանց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ,) Որ դրախտ յափշտակուեցաւ ու լսեց անպատմելի խօսքեր, որոնց մասին արժան չէ խօսիլ։ Ես այնպիսիին համար պիտի պարծենամ. բայց իմ անձիս համար պիտի չպարծենամ, հապա միայն տկարութեանս վրայ։ Վասն զի եթէ պարծենալ ալ ուզեմ, անմիտ պիտի չըլլամ, որովհետեւ շիտակը պիտի խօսիմ. բայց կը խնայեմ խօսքս՝ որ չըլլայ թէ մէկը իմ վրաս աւելի համարում ունենայ, քան որչափ իմ վրաս կը տեսնէ կամ ինձմէ կը լսէ։ Որպէս զի չըլլայ որ ես հպարտանամ խիստ շատ յայտնութիւններուն համար։ Ինծի մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը, զիս նեղելու համար, որպէս զի չըլլայ թէ հպարտանամ։ Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը, որ մէկդի ընէ ինձմէ։ Ու ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։ 10 Անոր համար համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ։

ՊՕՂՈՍԻՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ

11 Ես անմիտ եղայ պարծենալով։ Դուք ստիպեցիք զիս. վասն զի պէտք էր ձեզմէ վկայութիւն առնէի, քանզի ես երեւելի առաքեալներէն բանով մը պակաս չգտնուեցայ, թէեւ ես ոչինչ եմ։ 12 Յիրաւի ձեր մէջ առաքեալի նշաններ գործուեցան ամէն համբերութիւնով, նշաններով եւ սքանչելիքներով ու զօրութիւններով։ 13 Վասն զի ալ ի՞նչ կայ, որով պակաս գտնուեցաք ուրիշ եկեղեցիներէ, միայն անով՝ որ ես ձեզի ձանձրութիւն չտուի։ Ներեցէ՛ք ինծի այդ յանցանքը։

14 Ահա այս երրորդ անգամն է որ կը պատրաստուիմ ձեզի գալու. բայց ես ձեզի ձանձրութիւն պիտի չտամ, վասն զի ձեր ունեցածը չեմ փնտռեր, հապա՝ ձեզ. որովհետեւ որդիները պարտաւոր չեն ծնողքներուն համար բան դիզել, հապա ծնողքները՝ որդիներուն համար։ 15 Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար, թէպէտեւ ձեզ աւելի սիրելովս ձեզմէ քիչ սիրուիմ ալ։

16 Սակայն ես ձեզի ծանրութիւն մը չտուի, բայց գուցէ մէկը ըսէ թէ խորագէտ ըլլալովս նենգութեամբ ձեզ բռնեցի։ 17 Միթէ իմ ձեզի ղրկածներէս մէկուն ձեռքով ձեզմէ բան մը քաշեցի՞։ 18 Տիտոսին աղաչեցի ու անոր հետ այն եղբայրը ղրկեցի. միթէ Տիտոս ձեզմէ բան մը քաշե՞ց. չէ՞ որ երկուքս ալ նոյն հոգիով քալեցինք, չէ՞ որ նոյն ճամբով պտըտեցանք։

19 Դարձեալ, կը կարծէք թէ ձեր առջեւ ջատագովութի՞ւն կ’ընենք մեր անձերուն. Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսով կը խօսինք։ Ամէն բան, սիրելիներ, ձեր շինութեանը համար է. 20 Քանզի կը վախնամ որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ ձեզ ուզածիս պէս չգտնեմ եւ ես ալ ձեզի ձեր ուզածին պէս չգտնուիմ. չըլլայ թէ ձեր մէջ գտնուին վէճեր, նախանձներ, սրտմտութիւններ, կամ գրգռութիւններ, չարախօսութիւններ, բանսարկութիւններ, ամբարտաւանութիւններ, խռովութիւններ. 21 Չըլլայ թէ երբ նորէն գամ, իմ Աստուածս զիս նկուն ընէ ձեր քով ու սուգ ընեմ շատերուն համար, որոնք առաջուընէ մեղք գործեցին ու չապաշխարեցին իրենց գործած պղծութեանը եւ պոռնկութեանը ու գիջութեանը վրայ։

ՎԵՐՋԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԲԱՐԵՒՆԵՐԸ

13 1 Այս երրորդ անգամն է ձեզի կու գամ. երկու կամ երեք վկաներու բերնէ պիտի հաստատուի ամէն բան։ Նախապէս ըսեր եմ եւ նորէն կանխաւ կ’ըսեմ որպէս թէ երկրորդ անգամ ներկայ կը գտնուիմ՝ թէեւ հիմա հեռուէն կը գրեմ, առաջուան մեղանչողներուն եւ բոլոր միւսներուն, որ եթէ նորէն գամ՝ պիտի չխնայեմ. Քանի որ Քրիստոսին ինձմով խօսելուն ապացոյցը կը փնտռէք։ Ան ձեր վրայ տկարացած չէ, հապա ձեր մէջ զօրացած է. Որ թէպէտ խաչուեցաւ տկարութիւնով, բայց կենդանի է Աստուծոյ զօրութիւնով. քանզի մենք ալ թէպէտ կը տկարանանք անով, բայց կենդանի պիտի ըլլանք անոր հետ Աստուծոյ զօրութիւնովը ձեր մէջ։ Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը. չէ՞ք գիտեր թէ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջն է, միայն եթէ անպիտան չըլլաք։ Բայց կը յուսամ որ պիտի գիտնաք թէ մենք խոտելի չենք։ Կը խնդրեմ Աստուծմէ որ դուք չարութիւն մը չընէք. ո՛չ թէ՝ որպէս զի մենք ընտիր երեւինք, հապա որպէս զի դուք բարին գործէք, թէեւ մենք անպիտան երեւնանք։ Վասն զի ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, հապա ճշմարտութեան համար։ Քանզի ուրախ ենք՝ երբ մենք կը տկարանանք ու դուք զօրաւոր կ’ըլլաք եւ մենք ալ այդ ձեր հաստատութեանը համար կ’աղօթենք։ 10 Ուստի ասիկա կը գրեմ ձեզի հեռուէն, որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ սաստկութեամբ վարուիմ այն իշխանութեանը համեմատ, որ Տէրը ինծի տուաւ շինելու եւ ո՛չ թէ քակելու համար։

11 Վերջապէս, եղբայրներ, ո՛ղջ եղէք, հաստա՛տ կեցէք, մխիթարուեցէ՛ք, միաբան եղէք, խաղաղութիւն ըրէք եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։ 12 Բարեւ տուէք իրարու սուրբ համբոյրով։ 13 13։12 Բարեւ կ’ընեն ձեզի բոլոր սուրբերը։ 14 13։13 Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը եւ Աստուծոյ սէրը ու Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։