ԳԻՐՔ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԻՆԱՑ

ԳԻՐՔ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԻՆԱՑ

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

1 1 Ասոնք են այն խօսքերը, որոնք Մովսէս բոլոր Իսրայէլին խօսեցաւ Յորդանանի ասդիի կողմը անապատին մէջ, որ Սուփի առջեւի դաշտը՝ Փառանի, Տոփէլի, Ղոբանի, Ասերովթի ու Տիզահապի մէջտեղն է։ (Քորեբէն մինչեւ Կադէս–Բառնեայ տասնըմէկ օր է՝ Սէիր լերան ճամբով։) Արդ՝ քառասուներորդ տարին տասնըմէկերորդ ամսուան առաջին օրը՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց ինչ որ Տէրը իրեն պատուիրեր էր անոնց համար։ Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորը եւ Աստարովթին ու Եդրայիին մէջ բնակող Բասանին Ովգ թագաւորը զարնելէն ետքը, Յորդանանի ասդիի կողմը Մովաբի երկրին մէջ Մովսէս սկսաւ այս օրէնքը յայտնել՝ ըսելով.

«Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Այս լեռը կենալնիդ հերիք է։ Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու գացէ՛ք Ամօրհացիներուն լեռը եւ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը, դաշտերը, լեռներն ու հովիտները եւ հարաւային կողմն ու ծովեզերքը, Քանանացիներուն երկիրը ու Լիբանան, մինչեւ մեծ գետը՝ Եփրատ։ Ահա այն երկիրը ձեր առջեւ դրի։ Գացէ՛ք ու ժառանգեցէ՛ք այն երկիրը, որ Տէրը ձեր հայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ որ տայ անոնց ու անոնցմէ ետքը անոնց զաւակներուն’։

ՄՈՎՍԷՍ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ԿԱՐԳԷ

(Ելից 18։13-27)

Այն ատեն ես ձեզի խօսեցայ ու ըսի. ‘Ես մինակ չեմ կրնար ձեզ տանիլ, 10 Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ շատցուց եւ ահա դուք այսօր երկնքի աստղերուն չափ շատ էք։ 11 Ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզ հազարապատիկ աւելի շատցնէ ու ձեզի ըսածին պէս՝ ձեզ օրհնէ։ 12 Ես մինակ ի՞նչպէս կրնամ ձեր նեղութիւնը, ձեր բեռն ու հակառակութիւնը կրել։ 13 Դուք ձեր ցեղերէն իմաստուն ու հանճարեղ եւ անուանի մարդիկ տուէք ու ես զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեմ’։ 14 Իսկ դուք ինծի պատասխան տուիք ու ըսիք. ‘Այդ ըսած խօսքդ ընելը աղէկ է’։ 15 Ուստի ես ձեր ցեղերուն երեւելիները, իմաստուն ու անուանի մարդիկը առի եւ զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեցի, այսինքն ձեր ցեղերուն մէջ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ, տասնապետներ ու ոստիկաններ։

16 Եւ ձեր դատաւորներուն պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Ձեր եղբայրներուն խնդիրները լսեցէք ու ամէն մարդու դատը՝ թէ՛ իր եղբօրը հետ եւ թէ՛ օտարականի հետ՝ արդարութեամբ դատեցէք։ 17 Դատաստանի մէջ աչառութիւն մի՛ ընէք, պզտիկին մեծի պէս ըրէք, ոեւէ մարդու երեսէ մի՛ քաշուիք. քանզի դատաստանը Աստուծոյ է ու ձեզի դժուար երեւցած դատը ինծի ներկայացուցէք, որպէս զի զանիկա մտիկ ընեմ’»։ 18 Այն ատեն ձեր բոլոր ընելիքները ձեզի պատուիրեցի։

ԿԱԴԷՍ–ԲԱՌՆԵԱՅԷՆ ԼՐՏԵՍՆԵՐ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻՆ

(Թուոց 13։1-33)

19 Ետքը Քորեբէն չուեցինք ու ինչպէս մեր Տէր Աստուածը մեզի պատուիրեր էր, Ամօրհացիներուն լերանը ճամբով՝ այն ձեր տեսած բոլոր մեծ ու ահագին անապատէն անցանք ու մինչեւ Կադէս–Բառնեայ եկանք։ 20 Ձեզի ըսի. ‘Դուք Ամօրհացիներուն լեռը եկաք, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ։ 21 Նայէ՛, քու Տէր Աստուածդ երկիրը քեզի տուաւ. ուրեմն ելի՛ր, ժառանգէ՛ զանիկա, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր’։

22 Դուք ամէնքդ իմ քովս եկաք ու ինծի ըսիք. ‘Մեզմէ առաջ մարդիկ ղրկենք, որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու գան պատմեն թէ ի՞նչ ճամբով պէտք է ելլենք ու ո՞ր քաղաքները պիտի մտնենք’։ 23 Այս խօսքը ինծի հաճելի թուելով, ձեզմէ տասներկու մարդ առի, ամէն մէկ ցեղէն մէկ մարդ։ 24 Անոնք գացին, լեռը ելան ու մինչեւ Եսքողի ձորը հասան։ Այն երկիրը լրտեսեցին։ 25 Այն երկրին պտուղէն ձեռքերնին առնելով մեզի բերին ու մեզի պատմեցին՝ ըսելով. ‘Աղէկ է այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի կու տայ’։ 26 Բայց դուք չուզեցիք ելլել ու ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին դէմ դրիք։ 27 Ձեր վրաններուն մէջ տրտնջելով ըսիք. «Տէրը մեզ ատելուն համար Եգիպտոսի երկրէն մեզ դուրս հանեց, որպէս զի մեզ Ամօրհացիներուն ձեռքը մատնէ ու մեզ կորսնցնէ։ 28 Ո՞ւր պիտի ելլենք. մեր եղբայրները մեր սրտերը թուլցուցին, որովհետեւ ըսին. ‘Այն ազգը մեզմէ մեծ ու բարձրահասակ է, քաղաքները մեծ ու մինչեւ երկինք պարսպապատ են ու հոն նաեւ Ենակին որդիները տեսանք’։ 29 Բայց ես ձեզի ըսի. ‘Մի՛ զարհուրիք ու անոնցմէ մի՛ վախնաք. 30 Ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեր առջեւէն կ’երթայ, անիկա ձեզի համար պիտի պատերազմի, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ ձեր աչքերուն առջեւ ըրաւ։ 31 Անապատին մէջ ալ տեսաք թէ՝ ինչպէս մարդ մը իր զաւակը կը տանի, ձեր Տէր Աստուածն ալ ձեր բոլոր քալած ճամբաներուն մէջ մինչեւ այստեղ ձեզ այնպէս բերաւ’։ 32 Ասով ալ ձեր Տէր Աստուծոյն չհաւատացիք։ 33 Թէեւ ճամբուն մէջ ձեր առջեւէն կ’երթար ձեզի իջեւանելու տեղ փնտռելու համար, գիշերը կրակի մէջ երթալու ճամբանիդ ձեզի ցուցնելով ու ցորեկն ալ ամպի մէջ։

ՏԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԿԸ ՊԱՏԺԷ

(Թուոց 14։20-45)

34 Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսելով բարկացաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ. 35 ‘Այս մարդոցմէն, այս անօրէն ազգէն, ոեւէ մէկը պիտի չտեսնէ այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն տալու երդում ըրի. 36 Բայց միայն Յեփոնէին որդին Քաղէբը պիտի տեսնէ զայն ու անոր կոխած երկիրը իրեն ու իր որդիներուն պիտի տամ, որովհետեւ անիկա կատարելապէս Տէրոջը հետեւեցաւ’։ 37 Ձեզի համար Տէրը ինծի ալ բարկացաւ ու ըսաւ. ‘Դուն ալ հոն պիտի չմտնես 38 Այլ քու սպասաւորդ, Նաւէին որդին Յեսու, անիկա հոն պիտի մտնէ։ Զօրացո՛ւր զանիկա, վասն զի անիկա Իսրայէլը պիտի տանի, որ ժառանգէ այդ երկիրը։ 39 Այն ձեր պզտիկ տղաքը, որոնց համար կ’ըսէիք թէ աւար պիտի ըլլան ու այն ձեր որդիները, որոնք այսօր աղէկն ու գէշը չեն ճանչնար, անոնք պիտի մտնեն հոն. անոնց պիտի տամ այն երկիրը ու անոնք պիտի ժառանգեն զայն։ 40 Բայց դուք ետ դարձէք ու կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպի անապատը չուեցէք’։

41 Ետքը դուք պատասխան տուիք ու ինծի ըսիք. ‘Մենք Տէրոջը առջեւ մեղք գործեցինք. մենք պիտի ելլենք ու պատերազմինք, ինչպէս մեր Տէր Աստուածը մեզի պատուիրեց’։ Ամէն մէկդ իր պատերազմական զէնքը առնելով, թեթեւամտութեամբ ուզեցիք լեռը ելլել։ 42 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Անոնց ըսէ՛, Մի՛ ելլէք ու մի՛ պատերազմիք, քանզի ես ձեր մէջ չեմ. չըլլայ որ ձեր թշնամիներուն առջեւ ջարդուիք’։ 43 Ես ալ ձեզի խօսեցայ, բայց դուք մտիկ չըրիք, հապա Տէրոջը հրամանին դէմ դրիք եւ յամառութիւն ընելով լեռը ելաք։ 44 Ու այն լերանը վրայ բնակող Ամօրհացիները մեղուներու պէս ձեր դէմը ելլելով ձեզ հալածեցին ու Սէիրի մէջ ձեզ զարկին մինչեւ Հօրմա։ 45 Այն ատեն դառնալով Տէրոջը առջեւ լացիք, սակայն Տէրը ձեր ձայնը չլսեց ու ձեզի ականջ չդրաւ։ 46 Կադէսի մէջ կեցաք, որչափ օրեր որ հոն էիք»։

ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋԻ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

2 1 «Այն ատեն ետ դարձանք ու Կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպի անապատը չուեցինք, ինչպէս Տէրը ինծի ըսեր էր ու շատ օրեր Սէիր լերանը բոլորտիքը պտըտեցանք։ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Ա՛լ հերիք է այդ լերանը բոլորտիքը պտըտիք. հիւսիսային կողմը դարձէք։ Ժողովուրդին պատուիրէ՛ ու ըսէ՛. Դուք հիմա Սէիր բնակող ձեր եղբայրներուն՝ Եսաւի որդիներուն՝ սահմանէն պիտի անցնիք։ Անոնք ձեզմէ պիտի վախնան, բայց դուք մեծապէս զգուշացէք. Անոնց հետ մի՛ կռուիք. քանզի ես ձեզի անոնց երկրէն մէկ ոտնաքայլ տեղ ալ պիտի չտամ, որովհետեւ Սէիր լեռը Եսաւին ժառանգութիւն տուեր եմ։ Կերակուրը ստակով ծախու առէք անոնցմէ եւ կերէք եւ ջուրն ալ ստակով ծախու առէք անոնցմէ ու խմեցէք. Քանզի քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքիդ բոլոր գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. անիկա գիտէ թէ դուն այս մեծ անապատին մէջ կը պտըտիս. քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզի հետ էր ու բանի մը պակասութիւն չքաշեցիր’։

Ուստի մենք մեր եղբայրներուն, Եսաւի որդիներուն քովէն, որոնք Սէիր կը բնակէին, դաշտի ճամբայէն, Ելաթէն ու Գասիոն–Գաբերէն անցանք ու անկէ դառնալով Մովաբի անապատին ճամբայէն անցանք։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Մովաբացիներուն թշնամութիւն մի՛ ըներ ու անոնց հետ պատերազմ մի՛ ըներ. քանզի անոնց երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ Արը Ղովտի որդիներուն ժառանգութիւն տուի’։ 10 (Այն տեղը առաջ Էմիմները կը բնակէին, որոնք մեծ ու շատուոր ու Ենակիմներուն պէս երկայնահասակ ազգ մըն էին. 11 Անոնք ալ Ենակիմներուն պէս հսկաներ կը սեպուէին ու Մովաբացիները զանոնք Էմիմ կը կոչէին։ 12 Սէիրի մէջ առաջ Քոռեցիները կը բնակէին, բայց Եսաւի որդիները զանոնք վռնտելով ու իրենց առջեւէն զանոնք ջարդելով՝ անոնց տեղը բնակեցան, ինչպէս Իսրայելացիները ըրին իրենց ժառանգութեանը երկրին, որ Տէրը անոնց տուաւ։) 13 ‘Հիմա ելէ՛ք Զարեդ ձորէն անցէք’ ու մենք Զարեդ ձորէն անցանք։

14 Մեր պտըտած օրերը, Կադէս–Բառնեայէն ելլելէն մինչեւ Զարեդ ձորէն անցնիլը, երեսունըութը տարի եղաւ. մինչեւ որ բանակին մէջէն պատերազմող մարդոց ամբողջ սերունդը հատաւ, ինչպէս Տէրը անոնց երդում ըրեր էր։ 15 Եւ զանոնք բանակին մէջէն բնաջինջ ընելու համար՝ Տէրոջը ձեռքն ալ անոնց վրայ էր, մինչեւ որ անոնք հատան։

16 Երբ բոլոր պատերազմող մարդիկը ժողովուրդին մէջէն հատան, 17 Տէրը ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. 18 ‘Դուն այսօր Մովաբի սահմանը եղած Արէն անցիր 19 Ու Ամմոնի որդիներուն սահմանին մօտեցիր։ Անոնց թշնամութիւն մի՛ ըներ եւ անոնց հետ մի՛ կռուիր. քանզի Ամմոնի որդիներուն երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ զանիկա Ղովտին որդիներուն ժառանգութիւն տուի։ 20 (Այն ալ հսկաներու երկիր կը սեպուէր։ Առաջ այն տեղը հսկաներ կը բնակէին ու Ամմոնացիները զանոնք Զամզումիմ կը կոչէին. 21 Որոնք Ենակիմներուն պէս մեծ ու շատուոր եւ երկայնահասակ ազգ մըն էին, բայց Տէրը զանոնք բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն, որոնք վռնտեցին զանոնք եւ անոնց տեղը բնակեցան. 22 Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներուն համար ալ ըրաւ, երբ Քոռեցիները բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն եւ զանոնք վռնտեցին ու անոնց տեղը բնակեցան մինչեւ այսօր։ 23 Աւացիները, որոնք մինչեւ Գազա գիւղաքաղաքներու մէջ կը բնակէին, զանոնք ալ Կափթորէն ելլող Կափթորացիները ջարդեցին ու անոնց տեղը բնակեցան։) 24 ‘Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու Առնոն ձորէն անցէ՛ք։ Ահա Եսեբոնի թագաւորը, Ամօրհացի Սեհոնը ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի. սկսէ՛ զանիկա ժառանգել ու անոր հետ պատերազմէ՛։ 25 Այսօր քու անունիդ վախն ու սոսկումը բոլոր երկնքի տակ եղող ազգերուն վրայ պիտի դնեմ, այնպէս որ քու համբաւդ լսողները քու երեսէդ պիտի դողան ու տագնապին’։

ԻՍՐԱՅԷԼ ՍԵՀՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ

(Թուոց 21։21-30)

26 Այն ատեն Կադեմօթի անապատէն Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին խաղաղութեան խօսքերով դեսպաններ ղրկեցի՝ ըսելով. 27 ‘Անցնիմ քու երկրէդ. մեծ ճամբայէն պիտի երթամ ու աջ կամ ձախ կողմը պիտի չխոտորիմ։ 28 Կերակուրը ինծի ստակով ծախէ, որ ուտեմ ու ջուրն ալ ստակով տուր, որ խմեմ. միայն թէ քալելով անցնիմ, 29 Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներն ու Ար բնակող Մովաբացիները ինծի ըրին, մինչեւ որ ես Յորդանանէն անցնիմ դէպի այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ’։ 30 Բայց Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը չուզեց, որ մենք անկէ անցնինք. վասն զի քու Տէր Աստուածդ անոր հոգին խստացուցեր էր ու սիրտը կարծրացուցեր էր, որպէս զի զանիկա քու ձեռքդ տայ, ինչպէս այսօր կը տեսնես։ 31 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ահա Սեհոնն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի, անոր տիրէ՛, որպէս զի անոր երկիրը ժառանգես’։

32 Ուստի Սեհոն ինք իր բոլոր ժողովուրդովը Յասսայի մէջ մեր դէմ ելաւ, որպէս զի մեզի հետ պատերազմի։ 33 Մեր Տէր Աստուածը զանիկա մեր ձեռքը մատնեց ու մենք զանիկա եւ անոր որդիներն ու անոր բոլոր ժողովուրդը զարկինք։ 34 Նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք ու անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ եղած այր մարդիկը, կիներն ու տղաքները կորսնցուցինք։ Անոնցմէ մէ՛կ հոգի ողջ չթողուցինք։ 35 Միայն անասուններն ու առնուած քաղաքներուն աւարները մեզի առինք։ 36 Առնոն ձորին եզերքը եղած Արոէրէն ու ձորին մէջ եղած քաղաքէն մինչեւ Գաղաադ բնաւ մեզի դէմ դնող քաղաք մը չեղաւ։ Մեր Տէր Աստուածը ամէնքն ալ մեր ձեռքը մատնեց։ 37 Միայն Ամմոնի որդիներուն երկիրն ու բոլոր Յաբոկ ձորին կողմերուն եւ լեռնային քաղաքներուն ու մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր մեզի արգիլած տեղերուն չմօտեցար»։

ԻՍՐԱՅԷԼ ՈՎԳ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ

(Թուոց 21։31-35)

3 1 «Անկէ դարձանք Բասանի ճամբան ելանք։ Բասանի Ովգ թագաւորը ինք՝ իր բոլոր ժողովուրդովը՝ Եդրայիի մէջ մեր դէմն ելաւ պատերազմելու համար։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ վախնար, վասն զի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդն ու երկիրը քու ձեռքդ պիտի տամ ու անոր ալ՝ Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ’։ Մեր Տէր Աստուածը Բասանի Ովգ թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ժողովուրդը մեր ձեռքը տուաւ եւ մենք այնպէս ջարդեցինք զանոնք, որ անոնցմէ մէ՛կն ալ ողջ չմնաց։ Նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք։ Քաղաք մըն ալ չմնաց, որ չառնենք։ Վաթսուն քաղաք, այսինքն բոլոր Արգովբի գաւառը, Բասանի մէջ Ովգի թագաւորութիւնը։ Ասոնց ամէնքն ալ բարձր պարիսպներով, դռներով դռնափակներով ամրացած քաղաքներ էին, անպարիսպ քաղաքներէն զատ, որոնք խիստ շատ էին։ Զանոնք բնաջինջ ըրինք, ինչպէս Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը ըրինք, բոլոր քաղաքներու մարդիկը, կիներն ու տղաքները կորսնցուցինք. Սակայն բոլոր անասուններն ու քաղաքներուն աւարները մեզի առինք։ Նոյն ժամանակ՝ Յորդանանի անդիի կողմը եղող Ամօրհացիներուն երկու թագաւորներուն ձեռքէն առինք երկիրը՝ Առնոն ձորէն մինչեւ Հերմոն լեռը։ Սիդոնացիները Հերմոնին Սարիօն կ’ըսէին, բայց Ամօրհացիները զանիկա Սանիր կը կոչէին 10 Բոլոր դաշտի քաղաքները, բոլոր Գաղաադն ու բոլոր Բասանը մինչեւ Սելքա ու Եդրայի, Բասանի մէջ եղած Ովգին թագաւորութեան քաղաքները առինք։ 11 Քանզի հսկաներէն միայն Բասանի Ովգ թագաւորը մնացեր էր։ Անոր երկաթէ մահիճը Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային մէջ կեցած է։ Երկայնութիւնը ինը կանգուն էր ու լայնութիւնը չորս կանգուն էր՝ սովորական կանգունով։

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ԳՏՆՈՒՈՂ ՑԵՂԵՐԸ

(Թուոց 32։1-42)

12 Երբ առինք երկիրը, Առնոն ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչեւ Գաղաադ լերանը կէսը՝ իր քաղաքներովը Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն տուի։ 13 Գաղաադի մնացած մասը ու բոլոր Բասանը՝ այսինքն Ովգին թագաւորութիւնն ու բոլոր Արգովբի գաւառը, բոլոր Բասանին հետ, որ հսկաներու երկիր կը կոչուէր՝ Մանասէին ցեղին տուի։ 14 Մանասեան Յայիրը բոլոր Արգովբի գաւառը առաւ մինչեւ Գեսուրացիներու ու Մաքաթացիներու սահմանը ու զանոնք իր անունովը մինչեւ այսօր Բասան–Հաւօթ–Յայիր կոչեց։ 15 Այսպէս Գաղաադը Մաքիրին տուի։ 16 Գաղաադէն մինչեւ Առնոն ձորը, (այսինքն ձորին մէջտեղը, որ սահմանն է,) ու մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը, Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն տուի, 17 Նաեւ դաշտը՝ Յորդանանի սահմանովը Քեներեթէն մինչեւ դաշտային ծովը, այսինքն մինչեւ Աղի ծովը, արեւելեան կողմը եղած Ասեդովթ–Փասգայի տակ։

18 Այն ատեն ձեզի պատուիրեցի ու ըսի. ‘Ձեր Տէր Աստուածը այս երկիրը ձեզի իբր ժառանգութիւն տուաւ. ուստի դուք ամէնքդ, որ կտրիճներ էք, զէնքերնիդ առէք ու Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր եղբայրներուն՝ առջեւ անցէք. 19 Բայց ձեր կիները, ձեր որդիներն ու ձեր անասունները, (որովհետեւ ձեր անասուններուն շատ ըլլալը գիտեմ,) թող մնան ձեր քաղաքներուն մէջ, որոնք ես ձեզի տուի, 20 Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ ու մինչեւ որ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը Յորդանանի անդիի կողմը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեզմէ ամէն մէկը դառնայ իր ժառանգութեանը, որ ես ձեզի տուի’։

21 Այն ատեն Յեսուին պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Քու աչքերդ տեսան ինչ որ ձեր Տէր Աստուածը այս երկու թագաւորներուն ըրաւ. այնպէս ալ պիտի ընէ Տէրը այն ամէն թագաւորներուն, որոնց վրայ դուն պիտի երթաս։ 22 Անոնցմէ մի՛ վախնաք. վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ինք կը պատերազմի ձեզի համար’։

ՄՈՎՍԷՍԻ Չ’ԱՐՏՕՆՈՒԻՐ ՔԱՆԱՆ ՄՏՆԵԼ

23 Այն ատեն Տէրոջը աղաչեցի ու ըսի. 24 ‘Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն սկսար քու ծառայիդ ցուցնել քու մեծութիւնդ ու քու զօրաւոր ձեռքդ, վասն զի երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ ո՞վ է այն աստուածը, որ քու գործերուդ ու քու զօրութեանդ պէս գործ մը ընելու կարող ըլլայ։ 25 Շնորհք ըրէ՛, որ անցնիմ ու Յորդանանի անդիի կողմի բարի երկիրը, այն բարի լեռը ու Լիբանանը, տեսնեմ’։ 26 Բայց Տէրը ձեր պատճառով ինծի սրդողելով՝ իմ խնդրանքս չընդունեց եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ա՛լ հերիք է քեզի. անգամ մըն ալ այդ բանը ինծի չըսես. 27 Փասգայի գագաթը ելի՛ր ու դէպի արեւմուտք, հիւսիս, հարաւ ու արեւելք աչքերդ վերցո՛ւր ու քու աչքերովդ դիտէ. քանզի դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս’։ 28 Ու Յեսուին պատուէր տալով զանիկա զօրացուր ու անոր սիրտ տուր. քանզի անիկա պիտի առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի այն երկիրը, որ դուն դիտեցիր։ 29 Ուստի մենք հովիտին մէջ Բեթփեգովրի դիմաց նստեցանք»։

ՄՈՎՍԷՍ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԷ

4 1 Եւ Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին. «Հնազանդէ՛ այն օրէնքներուն, որոնք սորվեցուցի, որպէս զի ապրիս եւ ժառանգես այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։ Պատուէրներուս վրայ բան մը մի՛ աւելցնէք ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք, այլ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները պահեցէք, որոնք ես ձեզի իմացուցի։ Ձեր աչքերը տեսան ինչ որ Տէրը Բելփեգովրին ըրաւ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Բելփեգովրին ետեւէն գացող բոլոր մարդիկը ձեր մէջէն կորսնցուց։ Բայց դուք, որ ձեր Տէր Աստուծոյն յարեցաք, ամէնքդ այսօր ողջ էք։ Ահա ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցուցի, ինչպէս իմ Տէր Աստուածս ինծի պատուիրեց, որպէս զի անոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար։ Ուստի դուք անոնք պահեցէք ու ըրէք. վասն զի ձեր իմաստութիւնն ու հանճարը այս պիտի ըլլայ ազգերուն առջեւ, որոնք այս բոլոր կանոնները լսելով պիտի ըսեն. ‘Իրաւցնէ այս մեծ ազգը իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մըն է’։ Քանզի ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որուն աստուածները իրեն այնքան մօտ ըլլան, որքան մեր Եհովա Աստուածը մեզի մօտ է՝ ամէն ատեն երբ իրմէ կը խնդրենք։ Ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ այսօր ձեր առջեւ դրուած այս բոլոր օրէնքին նման արդար կանոններ ու դատաստաններ ունենայ։

Միայն քեզի աղէկ նայէ ու քու հոգիիդ շատ զգուշութիւն ըրէ, որ աչքերուդ տեսած բաները չմոռնաս եւ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սրտէդ չելլեն. այլ անոնք քու որդիներուդ ու անոնց որդիներուն սորվեցնես։ 10 Այն օրը երբ դուն Քորեբի մէջ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կեցեր էիր, Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ժողովուրդը ինծի հաւաքէ ու իմ խօսքերս լսել պիտի տամ անոնց, որպէս զի սորվին ինձմէ վախնալ որչափ ատեն որ երկրի վրայ ապրին ու իրենց որդիներուն ալ սորվեցնեն’։ 11 Դուք մօտենալով՝ լերանը տակ կանգնեցաք։ Լեռը խաւարով, ամպով ու մառախուղով ծածկուած, մինչեւ երկինք կրակով կը բորբոքէր։ 12 Եւ Տէրը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ. դուք անոր խօսքերուն ձայնը լսեցիք, բայց կերպարանքը չտեսաք, միայն ձայնը լսեցիք։ 13 Իր ուխտը, տասը պատուիրանքները ձեզի իմացուց ու պատուիրեց, որ զանոնք ընէք եւ զանոնք երկու քարէ տախտակներու վրայ գրեց։ 14 Այն ատեն Տէրը ինծի պատուիրեց, որ ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցնեմ, որպէս զի զանոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար։

ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

15 Ուրեմն ձեր հոգիներուն աղէկ զգուշութիւն ըրէք. որովհետեւ այն օրը, որ Տէրը Քորեբ լեռը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ, ոեւէ կերպարանք չտեսաք։ 16 Անօրէնութիւն մի՛ ընէք. ձեզի կուռք մը կամ ոեւէ բանի պատկեր՝ թէ՛ արուի եւ թէ՛ էգի նմանութեամբ, 17 Կամ երկրի վրայ եղող անասունի մը նմանութեամբ, կամ օդին մէջ թռչող թեւաւոր թռչունի մը նմանութեամբ, 18 Կամ երկրի վրայ սողացող սողունի մը նմանութեամբ, կամ երկրի տակ ջուրերու մէջ եղող ձուկի մը նմանութեամբ մի՛ շինէք. 19 Նաեւ աչքերդ երկինք վերցնելով ու արեւը կամ լուսինը կամ աստղերն ու երկնքի բոլոր զարդը տեսնելով մի՛ խաբուիր ու անոնց երկրպագութիւն մի՛ ըներ եւ զանոնք մի՛ պաշտեր. որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք բոլոր երկնքի տակ եղող ազգերուն համար կարգաւորեց։ 20 Բայց Տէրը ձեզ առաւ ու ձեզ երկաթի հնոցէն՝ Եգիպտոսէն՝ հանեց, որպէս զի իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաք, ինչպէս այսօր եղած էք։

21 Տէրը ձեր պատճառով ինծի սրդողելով երդում ըրաւ, որ Յորդանանէն չանցնիմ ու չմտնեմ այն ընտիր երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ ժառանգելու համար։ 22 Այս երկրին մէջ պիտի մեռնիմ ու Յորդանանէն պիտի չանցնիմ. բայց դուք պիտի անցնիք ու այն ընտիր երկիրը պիտի ժառանգէք։ 23 Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ ձեր Տէր Աստուծոյն ձեզի հետ ըրած ուխտը մոռնաք ու ձեզի կուռք մը կամ ոեւէ բանի մը նմանութիւնը շինէք, որը քու Տէր Աստուածդ քեզի արգիլեց։ 24 Քանզի քու Տէր Աստուածդ մաշող կրակ է. անիկա նախանձոտ Աստուած է։

25 Երբ դուք որդիներ ու որդիներու որդիներ ծնանելու ըլլաք եւ այն երկրին մէջ շատ ատեն նստելու ըլլաք, այն ատեն եթէ անօրէնութիւն ընէք եւ կուռք մը կամ ոեւէ բանի մը նմանութիւնը շինէք ու ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ընէք ու զանիկա բարկացնէք՝ 26 Այսօր երկինքն ու երկիրը ձեզի վկայ կը բռնեմ՝ որ դուք անպատճառ ամբողջովին պիտի կորսուիք այն երկրէն, որ Յորդանանէն անցնելով պիտի ժառանգէք։ Այնտեղ կեանքերնիդ երկար պիտի չըլլայ, այլ բոլորովին բնաջինջ պիտի ըլլաք։ 27 Տէրը ձեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուէ, նաեւ սակաւաթիւ պիտի մնաք այն ազգերուն մէջ, ուր Տէրը ձեզ պիտի քշէ։ 28 Հոն մարդու ձեռքով շինուած քարէ ու փայտէ աստուածներ պիտի պաշտէք, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ կ’ուտեն եւ ո՛չ կը հոտուըտան։ 29 Բայց եթէ հոն քու Տէր Աստուածդ փնտռես ու զանիկա բոլոր սրտովդ եւ բոլոր հոգիովդ փնտռելու ըլլաս՝ պիտի գտնես։ 30 Երբ քու վրադ նեղութիւն գայ ու այս բոլոր բաները վերջին օրերը քեզի պատահին, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս ու անոր խօսքը մտիկ ընես, 31 Քու Տէր Աստուածդ, ողորմած Աստուած ըլլալուն, քեզ պիտի չթողու ու քեզ պիտի չկորսնցնէ ու քու հայրերուդ ըրած ուխտը պիտի չմոռնայ, որուն համար երդում ըրած էր։

32 Արդ՝ քեզմէ առաջ եղած օրերէն ի վեր, այսինքն Աստուծոյ մարդը երկրի վրայ ստեղծած օրէն ի վեր, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը հարցուր, թէ արդեօք ասոր պէս մեծ բան մը եղա՞ծ է ու ասոր պէս բան մը լսուա՞ծ է։ 33 Արդեօք ազգ մը կրակին մէջէն խօսող Աստուծոյ ձայնը քու լսածիդ պէս լսեր ու ողջ մնացե՞ր է։ 34 Կամ թէ Աստուած մէկ ազգը միւս ազգերուն մէջէն իրեն առա՞ծ է՝ փորձերով, հրաշքներով, զարմանալի գործերով, պատերազմով, զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով եւ մեծ արհաւիրքներով, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Եգիպտոսի մէջ ձեզի համար այս բոլոր բաները ըրաւ ձեր աչքերուն առջեւ։ 35 Ասիկա քեզի ցուցուեցաւ, որպէս զի գիտնաս թէ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է. անկէ ուրիշ Աստուած չկայ։ 36 Քեզ խրատելու համար իր ձայնը երկնքէն լսել տուաւ քեզի ու երկրի վրայ իր մեծ կրակը քեզի ցուցուց ու անոր խօսքերը կրակին մէջէն լսեցիր։ 37 Քու հայրերդ սիրելուն համար անոնցմէ ետքը անոնց սերունդը ընտրեց ու իր ներկայութեամբ մեծ զօրութիւնով քեզ Եգիպտոսէն հանեց. 38 Որպէս զի՝ քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգեր՝ քու առջեւէդ վռնտէ ու քեզ տանի անոնց երկիրը, որ քեզի իբր ժառանգ պիտի տայ եւ որ այդպէս այսօր ժառանգած ես։ 39 Այսօր գիտցիր ու սրտիդ մէջ դիր, թէ վերը երկնքի մէջ ու վարը երկրի վրայ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է, ուրիշ մը չկայ։ 40 Ուստի անոր կանոններն ու պատուիրանքները պահէ, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ ու նաեւ քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ մշտնջենապէս»։

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԿՈՂՄԻ ԱՊԱՍՏԱՆԱՐԱՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

41 Այն ատեն Մովսէս Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւելք երեք քաղաք զատեց. 42 Որպէս զի երէկուընէ ու նախորդ օրուընէ ատելութիւն չունեցող ու անգիտութեամբ իր դրացին մեռցնող մարդասպանը հոն փախչի ու այդ քաղաքներէն մէկուն մէջ փախչելով՝ ողջ մնայ։ 43 Ռուբէնեաններուն համար դաշտային երկրին եւ անապատին մէջ Բոսորը եւ Գադեաններուն համար Գաղաադի մէջ Ռամովթը ու Մանասեաններուն համար Բասանի մէջ Գովղանը զատեց։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄԻՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

44 Ասիկա է այն օրէնքը որ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց։ 45 Ասոնք են այն վկայութիւնները, կանոնները եւ դատաստանները, որոնք Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն իմացուց, անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը, 46 Յորդանանի ասդիի կողմը Բեթփեգովրի դէմ գտնուող հովիտին մէջ, Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորին երկրին մէջ, որ Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները զարկին իրենց Եգիպտոսէն ելած ատենը 47 Եւ անոր երկիրն ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը, այսինքն Յորդանանի ասդին արեւելեան կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն երկիրները, 48 Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն մինչեւ Սիօն լեռը՝ որ Հերմոն կը կոչուի 49 Ու Յորդանանի ասդին արեւելեան կողմը եղած բոլոր դաշտը մինչեւ Ասեդովթ–Փասգայի ներքեւի դաշտը՝ ծովուն քովը ժառանգեցին։

ՏԱՍԸ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔԸ

(Ելից 20։1-17)

5 1 Մովսէս բոլոր Իսրայէլը կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, այս կանոններն ու դատաստանները, որոնք ես այսօր ձեր ականջներուն պիտի խօսիմ, սորվեցուցէ՛ք զանոնք եւ զգուշութեամբ գործադրեցէք։ Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի հետ ուխտ ըրաւ։ Տէրը այս ուխտը մեր հայրերուն հետ չըրաւ, հապա մեզի հետ, որ մենք ամէնքս այսօր հոս ողջ ենք։ Տէրը լերանը վրայ կրակի մէջէն մեզի հետ դէմ առ դէմ խօսեցաւ. (Ու ես այն ատեն Տէրոջը ու ձեր մէջտեղ կայնեցայ, որպէս զի Տէրոջը խօսքերը ձեզի պատմեմ. վասն զի դուք կրակէն վախնալով լեռը չելաք.) եւ ըսաւ.

«Ես եմ Եհովան՝ քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։

«Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։

«Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, կամ վարը՝ երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութեամբը. Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը, որոնք կ’ատեն զիս. 10 Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը, որոնք կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։

11 «Տէրոջը՝ քու Աստուծոյդ՝ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։

12 «Հանգստութեան օրը զգուշութիւն ըրէ որ սուրբ պահես, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց։ 13 Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործերդ ընես. 14 Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու եզդ ու էշդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ քու տանդ մէջ եղած օտարականը, որպէս զի քու ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանան։ 15 Միտքդ բեր թէ դուն Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով քեզ անկէ հանեց. անոր համար քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց որ հանգստութեան օրը պահես։

16 «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան ու քեզի աղէկ ըլլայ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ։

17 «Սպանութիւն մի՛ ըներ։

18 «Շնութիւն մի՛ ըներ։

19 «Գողութիւն մի՛ ըներ։

20 «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։

21 «Քու դրացիիդ կնոջ մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ տանը կամ անոր արտին կամ անոր ծառային կամ անոր աղախինին կամ անոր եզին կամ անոր իշուն կամ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։

22 Տէրը այս խօսքերը լերանը վրայ կրակին, ամպին ու մառախուղին մէջէն բարձր ձայնով ձեր բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ եւ ուրիշ բան չաւելցուց։ Երկու քարէ տախտակի վրայ գրեց զանոնք ու ինծի տուաւ։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՎԱԽՆԱՅ

(Ելից 20։18-21)

23 Իսկ լերանը կրակով բռնկած ատենը, երբ խաւարին մէջէն անոր ձայնը լսեցիք, իմ քովս եկաք դուք, այսինքն ձեր ցեղերուն բոլոր գլխաւորները եւ ձեր ծերերը ու ըսիք. 24 ‘Ահա մեր Տէր Աստուածը իր փառքն ու մեծութիւնը մեզի ցուցուց ու անոր ձայնը կրակին մէջէն լսեցինք։ Այսօր թէեւ Աստուած մարդու հետ խօսեցաւ, բայց մարդը ողջ մնաց։ 25 Եւ հիմա մենք ինչո՞ւ մեռնինք. (քանզի այս մեծ կրակը մեզ պիտի սպառէ.) եթէ մենք մեր Տէր Աստուծոյն ձայնը անգամ մըն ալ լսելու ըլլանք, պիտի մեռնինք։ 26 Վասն զի բոլոր մարմին ունեցողներէն ո՞վ կրակի մէջէն խօսող կենդանի Աստուծոյն ձայնը մեզի պէս լսեց ու ողջ մնաց։ 27 Դուն մօտեցի՛ր եւ մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լսէ ու մեր Տէր Աստուածը քեզի հետ ինչ որ խօսի՝ դուն մեզի ըսէ՛ եւ մենք մտիկ ընենք ու կատարենք’։ 28 Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսեց, երբ դուք ինծի կը խօսէիք ու ինծի ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդին քեզի ըսած խօսքերը լսեցի. անոնց ամէն ըսածը շիտակ է։ 29 Երանի՜ թէ անոնց սիրտն ալ այնպէս ըլլար, որ ինձմէ վախնալով միշտ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահէին, որպէս զի իրենց աղէկ ըլլար ու իրենց որդիներուն ալ յաւիտեան։ 30 Գնա՛ անոնց ըսէ. «Դուք ձեր վրանները դարձէք»։ 31 Բայց դուն հոս ինծի հետ կեցիր ու բոլոր անոնց սորվեցնելու պատուիրանքներդ, կանոններդ ու դատաստաններդ քեզի ըսեմ, որպէս զի զանոնք կատարեն այն երկրին մէջ, որ ես անոնց պիտի տամ ժառանգութեան համար’։

32 Արդ՝ զգոյշ եղէ՛ք, ձեր Տէր Աստուծոյն պատուէրը կատարեցէք, աջ կողմը կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիք։ 33 Ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրած բոլոր ճամբաներուն մէջ քալեցէք, որպէս զի ապրիք ու ձեզի աղէկ ըլլայ եւ ձեր ժառանգելու երկրին մէջ երկարակեաց ըլլաք։

ՄԵԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ

6 1 «Ասոնք են այն պատուիրանքները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք ձեր Տէր Աստուածը ինծի պատուիրեց ձեզի սորվեցնելու համար, որպէս զի ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկրին մէջ գործադրէք զանոնք. Որպէս զի քու Տէր Աստուծմէդ վախնաս ու անոր բոլոր կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք ես ձեզի կը պատուիրեմ, քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ պահես, թէ՛ դուն, թէ՛ քու որդիդ եւ թէ՛ քու որդիիդ որդին, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան։ Արդ՝ ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ ու զգուշութեամբ զանոնք կատարէ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ եւ կաթ ու մեղր բղխող երկրին մէջ խիստ շատնաս, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի խոստացաւ։

Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մի միայն Տէր է։ Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ Եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան Ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր։ Զանոնք նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատանոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան։ Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ եւ դռներուդ վրայ գրէ։

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

10 Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ, որ քեզի մեծ ու գեղեցիկ քաղաքներ տայ, որոնք դուն շինած չես 11 Եւ ամէն տեսակ բարիքներով լեցուած տուներ՝ որոնք դուն լեցուցած չես ու փորուած ջրհորներ՝ որոնք դուն փորած չես, այգիներ ու ձիթենիներ՝ որոնք դուն տնկած չես ու երբ ուտես ու կշտանաս, 12 Զգո՛յշ կեցիր, որ չըլլայ թէ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանող Տէրը մոռնաս։ 13 Քու Տէր Աստուծմէդ վախցիր ու զանիկա պաշտէ եւ անոր անունովը երդում ըրէ։ 14 Օտար Աստուածներու, ձեր բոլորտիքը եղող ժողովուրդներուն աստուածներուն ետեւէն մի՛ երթաք. 15 (Վասն զի քու Տէր Աստուածդ, որ ձեր մէջն է, նախանձոտ է.) չըլլայ որ քու Տէր Աստուծոյդ բարկութիւնը քու վրադ բորբոքի ու քեզ երկրի երեսէն բնաջինջ ընէ։

16 Ձեր Տէր Աստուածը մի՛ փորձէք, ինչպէս Մասսայի մէջ փորձեցիք։ 17 Ձեր Տէր Աստուծոյն վկայութիւններն ու կանոնները զգուշութեամբ պահեցէք։ 18 Տէրոջը առջեւ ինչ որ ուղիղ ու հաճելի է, զայն ըրէ՛, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ, որպէս զի մտնես ու ժառանգես այն ընտիր երկիրը, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու։ 19 Քու բոլոր թշնամիներդ քու առջեւէդ հալածէ, ինչպէս Տէրը պատուիրեց։

20 Երբ՝ վաղը՝ քու որդիդ քեզի հարցնէ ու ըսէ. ‘Ի՞նչ պիտի ըլլան այն վկայութիւնները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք մեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց’. 21 Այն ատեն քու որդիիդ կարենաս ըսել. ‘Մենք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին ծառայ էինք, բայց Տէրը զօրաւոր ձեռքով մեզ Եգիպտոսէն հանեց. 22 Նաեւ Տէրը մեր աչքերուն առջեւ Եգիպտոսի վրայ, Փարաւոնին վրայ ու անոր բոլոր տանը վրայ մեծ ու սոսկալի նշաններ ու հրաշքներ ըրաւ 23 Եւ մեզ անկէ հանեց, որպէս զի մեզ բերէ ու երդումով մեր հայրերուն խոստացած երկիրը տայ մեզի։ 24 Տէրը մեզի պատուիրեց, որ այս բոլոր կանոնները գործադրենք ու մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, որպէս զի մեզի աղէկ ըլլայ միշտ ու ողջ պահէ մեզ, ինչպէս ենք այսօր։ 25 Եթէ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ այս բոլոր պատուիրանքները զգուշութեամբ կատարենք, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց, այն մեզի արդարութիւն պիտի սեպուի’։

ՏԷՐՈՋԸ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

(Ելից 34։11-16)

7 1 «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ժառանգելու համար ու քու առջեւէդ շատ ազգեր հալածէ, այսինքն Քետացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները, այս եօթը ազգերը, որոնք քեզմէ մեծ ու զօրաւոր են Ու երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ, զանոնք զա՛րկ ու բոլորովին կորսնցուր. անոնց հետ ուխտ մի՛ ըներ ու անոնց մի՛ ողորմիր. Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ. Վասն զի քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի հեռացնեն, որով օտար աստուածներ պիտի պաշտեն, այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ բորբոքելով ձեզ շուտով պիտի կորսնցնէ։ Սակայն՝ անոնց այսպէս ըրէք՝ անոնց սեղանները կործանեցէ՛ք, անոնց արձանները խորտակեցէ՛ք, անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք ու անոնց քանդակուած կուռքերը կրակով այրեցէ՛ք։ Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես եւ քու Տէր Աստուածդ երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր ազգերուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի դուն անոր սեփական ժողովուրդ ըլլաս։ Տէրը ձեզ սիրեց ու ընտրեց ո՛չ թէ բոլոր ազգերէն շատ ըլլալնուդ համար, քանզի դուք բոլորէն քիչ էիք. Այլ Տէրը ձեզ սիրելուն համար ու ձեր հայրերուն ըրած երդումը պահելու համար, Տէրը ձեզ զօրաւոր ձեռքով ծառայութեան տունէն հանեց եւ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատեց։ Արդ՝ գիտցի՛ր, որ քու Տէր Աստուածդ ի՛նքն է Աստուած, հաւատարիմ Աստուածը, որ զինք սիրողներուն ու իր պատուիրանքները պահողներուն մինչեւ հազար ազգը ուխտ ու ողորմութիւն կը պահէ, 10 Բայց զինք ատողներն ալ ուղղակի կը պատժէ եւ կը կորսնցնէ։ Զինք ատողին պատիժը չ’ուշացներ, անոր ուղղակի կը փոխարինէ։ 11 Ուրեմն պահէ՛ դուն այն պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի զանոնք կատարես։

ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

(Բ. Օր. 28։1-14)

12 Ուստի եթէ այս օրէնքները լսելով զանոնք պահես ու գործադրես, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի համար քու հայրերուդ երդում ըրած ուխտն ու ողորմութիւնը պիտի պահէ. 13 Նաեւ քեզ պիտի սիրէ եւ քեզ պիտի օրհնէ ու քեզ պիտի շատցնէ եւ քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու ցորենդ, քու գինիդ, քու իւղդ, կովերուդ ծնունդն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ որ քեզի տայ։ 14 Դուն բոլոր ազգերէն աւելի օրհնեալ պիտի ըլլաս ու ձեր մէջ եւ ձեր անասուններուն մէջ, թէ՛ արուներէն եւ թէ՛ էգերէն, ամուլ պիտի չգտնուի։ 15 Տէրը բոլոր հիւանդութիւնները քեզմէ պիտի վերցնէ ու Եգիպտացիներուն գէշ ցաւերը, որոնք դուն գիտես, բնաւ քու վրադ պիտի չբերէ, այլ զանոնք քու բոլոր թշնամիներուդ վրայ պիտի ղրկէ։ 16 Եւ դուն պիտի սպառես այն բոլոր ազգերը, որոնք քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ պիտի տայ։ Քու աչքդ անոնց պէտք չէ խնայէ ու անոնց աստուածները պէտք չէ պաշտես, վասն զի այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։ 17 Եթէ սրտիդ մէջ ըսես թէ ‘Այն ազգերը ինձմէ շատուոր են, ես ի՞նչպէս կրնամ զանոնք հալածել’, 18 Անոնցմէ մի՛ վախնար, այլ միշտ յիշէ՛ ինչ որ քու Տէր Աստուածդ ըրաւ Փարաւոնին ու բոլոր Եգիպտացիներուն, 19 Այն մեծամեծ փորձանքները, որոնց դուն ականատես եղար, այն նշաններն ու հրաշքները, այն զօրաւոր ձեռքն ու բարձր բազուկը, որոնցմով քու Աստուածդ քեզ հանեց։ Քու Տէր Աստուածդ նոյնպէս պիտի ընէ այն բոլոր ազգերուն, որոնցմէ դուն կը վախնաս։ 20 Նաեւ քու Տէր Աստուածդ անոնց վրայ իշամեղու պիտի ղրկէ, որպէս զի մնացածներն ու քու երեսէդ պահուըտողները կորսուին։ 21 Ուրեմն անոնց երեսէն մի՛ վախնար. քանզի քու Տէր Աստուածդ՝ այն զօրաւոր ու ահարկու Աստուածը՝ ձեր մէջ է։ 22 Եւ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերը քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտէ. զանոնք պէտք չէ մէկէն հատցնես, որպէս զի դաշտին գազանները չշատնան։ 23 Քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնէ ու զանոնք մեծ կործանումով պիտի կործանէ, մինչեւ ամէնքը բնաջինջ ըլլան։ 24 Անոնց թագաւորները քու ձեռքդ պիտի տայ։ Անոնց անունները երկնքի տակէն ոչնչացո՛ւր ու ոեւէ մէկը պիտի չկրնայ քեզի դէմ կենալ, մինչեւ զանոնք կորսնցնես։ 25 Անոնց աստուածներուն քանդակուած կուռքերը կրակով պէտք է այրես ու անոնց վրայ եղած ոսկիին ու արծաթին աչք մի՛ տնկեր ու զանոնք քեզի մի՛ առներ, որպէս զի անոնցմով որոգայթի մէջ չբռնուիս. վասն զի անոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ գարշելի են։ 26 Արդ՝ գարշելի բան մը տունդ մի՛ տանիր, որպէս զի դուն ալ անոր պէս չնզովուիս։ Անկէ բոլորովին զզուէ՛ ու զանիկա խիստ գարշելի սեպէ՛, վասն զի ան նզովուած է։

ԼԱՒ ԵՐԿԻՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍՏԱՑՈՒԻ

8 1 «Բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր կու տամ ձեզի, ուշադրութեամբ պիտի կատարէք, որպէս զի ապրիք, շատնաք, մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ Տէրը երդումով խոստացաւ ձեր հայրերուն։ Ու յիշէ՛ այն ճամբան, որ քու Տէր Աստուածդ քառասուն տարի քեզ անապատին մէջ պտըտցուց, քեզ խոնարհեցնելու, փորձելու ու սրտիդ մէջինը իմանալու համար, թէ արդեօք դուն իր պատուիրանքները պիտի պահե՞ս՝ թէ ոչ։ Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց եւ մանանայով կերակրեց, որ ո՛չ դուն կը ճանչնայիր եւ ո՛չ քու հայրերդ, որ գիտնաս թէ մարդ միայն հացով չ’ապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի։ Այդ քառասուն տարին քու վրայէդ լաթերդ չհինցան ու ոտքերդ չուռեցան։

Որպէս զի սրտիդ մէջ գիտնաս թէ՝ ինչպէս մարդ մը կը խրատէ իր որդին, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ այնպէս կը խրատէ։ Ուրեմն քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները պահէ՛, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անկէ վախնաս։ Քանզի քու Տէր Աստուածդ աղէկ երկիր մը կը տանի քեզ, այնպիսի երկիր մը, որ դաշտերէ ու լեռներէ բղխող գետերով, աղբիւրներով ու խորունկ ջուրերով լեցուն է. Այնպիսի երկիր մը, որ ցորենով, գարիով, այգիներով, թզենիներով եւ նռնենիներով լեցուն է, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր։ Այնպիսի երկիր մը, ուր կուշտ հաց պիտի ուտես ու անոր մէջ ոեւէ բան պիտի չպակսի քեզի։ Երկիր մը, որուն քարերը երկաթ են ու անոր լեռներէն պղինձ կրնաս հանել։

10 Ուստի, երբ ուտես ու կշտանաս, քու Տէր Աստուածդ օրհնէ՛ այն աղէկ երկիրը քեզի տալուն համար։

ՏԷՐԸ ՄՈՌՆԱԼՈՒՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

11 Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ՛, չըլլայ որ քու Տէր Աստուածդ մոռնաս ու չպահես անոր պատուիրանքները, օրէնքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ։ 12 Երբ ուտես ու կշտանաս եւ գեղեցիկ տուներ շինես ու բնակիս անոնց մէջ 13 Ու երբ արջառներդ եւ հօտերդ շատնան ու նաեւ արծաթդ ու ոսկիդ շատնան եւ քու բոլոր ունեցածդ շատնայ, 14 Թող սիրտդ չհպարտանայ եւ քու Տէր Աստուածդ չմոռնաս, որ Եգիպտացիներու երկրէն, ծառայութեան տունէն քեզ հանեց 15 Եւ այն մեծ ու ահագին եւ խայթող օձերով ու կարիճներով լեցուն, չոր ու անջուր անապատին մէջ քեզ պտըտցուց ու քեզի ապառաժէն ջուր հանեց 16 Եւ անապատին մէջ քու հայրերուդ չճանչցած մանանայովը քեզ կերակրեց, որպէս զի քեզ խոնարհեցնէ ու փորձէ եւ վերջը քեզի բարիք ընէ։ 17 Սրտիդ մէջ մի՛ ըսեր թէ՝ ‘Այս հարստութիւնը իմ կարողութիւնովս ու իմ ձեռքիս ուժովը վաստկեցայ’. 18 Հապա քու Տէր Աստուածդ յիշէ՛, քանզի հարստութիւն ստանալու համար քեզի ոյժ տուողը ա՛ն է, որպէս զի քու հայրերուդ իր երդումով ըրած ուխտը հաստատէ, ինչպէս այսօր կը տեսնես։

19 Եւ եթէ քու Տէր Աստուածդ մոռնալով ուրիշ աստուածներու ետեւէ երթաս, զանոնք պաշտես ու անոնց երկրպագութիւն ընես, ես այսօր ձեզի կը վկայեմ թէ դուք բոլորովին պիտի կորսուիք. 20 Այն ազգերուն պէս, որոնք Տէրը ձեր առջեւէն պիտի կորսնցնէ, այնպէս որ պիտի կորսուիք, վասն զի ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չըրիք։

ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

9 1 «Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ՛. Դուն այսօր Յորդանանէն կ’անցնիս, որպէս զի երթաս քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգերու, մինչեւ երկինք բարձրացող պարսպապատ մեծ քաղաքները ժառանգես։ Այն մեծ ու երկայնահասակ ազգը՝ Ենակիմներուն որդիները՝ որոնք դուն կը ճանչնաս ու որոնց համար լսեր ես՝ ‘Ենակին որդիներուն ո՞վ կրնայ դէմ դնել’։

Արդ՝ այսօր գիտցիր թէ քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ կ’երթայ իբրեւ մաշող կրակ ու զանոնք պիտի կորսնցնէ եւ քու առջեւէդ զանոնք պիտի նուաճէ եւ դուն զանոնք պիտի հալածես ու շուտով կորսնցնես, ինչպէս Տէրը քեզի ըսաւ։ Երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու առջեւէդ հալածէ, սրտիդ մէջ չըսես թէ Տէրը իմ արդարութեանս համար զիս այս երկիրը բերաւ, որպէս զի ժառանգեմ. քանզի Տէրը այս ազգերը իրենց անօրէնութեանը համար քու առջեւէդ կը վռնտէ։ Ո՛չ թէ քու արդարութեանդ ու սրտիդ ուղղութեանը համար կը մտնես անոնց երկիրը ժառանգելու, այլ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերուն անօրէնութեանը համար զանոնք քու առջեւէդ կը վռնտէ եւ որպէս զի հաստատէ այն խօսքը՝ որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ։ Ուստի գիտցիր թէ քու արդարութեանդ համար չէ, որ քու Տէր Աստուածդ այս աղէկ երկիրը քեզի ժառանգել կու տայ. քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես։

Միտքդ պահէ՛ ու մի՛ մոռնար, թէ դուն քու Տէր Աստուածդ անապատին մէջ բարկացուցիր. Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէդ մինչեւ հոս եկած օրդ Տէրոջը անհնազանդ եղաք։ Քորեբի մէջ ալ Տէրը բարկացուցիք եւ Տէրը ձեզ կորսնցնելու համար ձեզի բարկացաւ։ Երբ ես լեռը ելայ, որպէս զի քարեղէն տախտակները առնեմ, այսինքն Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին տախտակները, քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը կեցայ. ո՛չ հաց կերայ եւ ո՛չ ջուր խմեցի. 10 Այն ատեն Տէրը տուաւ ինծի Աստուծոյ մատովը գրուած երկու քարեղէն տախտակները, որոնց վրայ գրուած էին բոլոր այն խօսքերը, որոնք ժողովին օրը լերանը վրայ կրակին մէջէն Տէրը ձեզի խօսեցաւ։ 11 Արդ՝ քառասուն օրէն ու քառասուն գիշերէն ետքը Տէրը երկու քարեղէն տախտակները, այսինքն ուխտին տախտակները, ինծի տուաւ։ 12 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու շուտով ասկէ վա՛ր իջի՛ր, քանզի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. իմ պատուիրած ճամբայէս շուտով խոտորեցան, իրենց ձուլածոյ կուռք շինեցին’։ 13 Նաեւ Տէրը ինծի հետ խօսելով ըսաւ. ‘Ես այս ժողովուրդին նայեցայ եւ ահա խստապարանոց ժողովուրդ մըն է ան. 14 Թող տուր որ զանոնք կորսնցնեմ ու անոնց անունը երկնքի տակէն բնաջինջ ընեմ եւ քեզ անոնցմէ զօրաւոր ու բազմաթիւ ազգ մը պիտի ընեմ’։

15 Այն ատեն ես դարձայ, լեռնէն վար իջայ ու լեռը կրակով կ’այրէր եւ ուխտին երկու տախտակները երկու ձեռքերուս մէջ էին։ 16 Ետքը նայեցայ տեսայ, որ ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործելով ձեզի ձուլածոյ հորթ շիներ էիք, Տէրոջը ձեզի պատուիրած ճամբայէն շուտով խոտորեր էիք։ 17 Այն ատեն երկու տախտակները բռնեցի ու իմ երկու ձեռքերուս վրայէն վար նետեցի եւ ձեր աչքերուն առջեւ զանոնք կոտրտեցի։ 18 Ետքը առաջուան պէս Տէրոջը առջեւ աղաչեցի քառասուն օր ու քառասուն գիշեր. ո՛չ հաց կերայ, ո՛չ ալ ջուր խմեցի, ձեր գործած բոլոր մեղքին համար, վասն զի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելով զանիկա բարկացուցեր էիք. 19 Քանզի վախցայ այն սոսկալի բարկութենէն, որով Տէրը ձեր վրայ բարկացաւ ձեզ կորսնցնելու համար։ Սակայն Տէրը այն անգամին ալ ինծի լսեց 20 Եւ Տէրը Ահարոնին խիստ բարկացաւ, այնպէս որ զանիկա պիտի կորսնցնէր։ Նոյն ատեն Ահարոնին համար ալ աղօթք ըրի։ 21 Ձեր ըրած մեղքը, այսինքն հորթը, առի ու զանիկա կրակով այրեցի։ Ետքը զանիկա ծեծելով լաւ մը փշրեցի, մինչեւ որ մանր փոշի եղաւ եւ այն փոշին լեռնէն իջնող առուին մէջ նետեցի։

22 Նաեւ Տաբերայի, Մասսայի ու Կիբրօթ–Հաթթավայի մէջ Տէրը բարկացուցիք։ 23 Երբ Տէրը ձեզ Կադէս–Բառնեայէն ղրկեց եւ ձեզի ըսաւ՝ ‘Ելէ՛ք ու իմ ձեզի տուած երկիրս ժառանգեցէ՛ք’, այն ատեն ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին անհնազանդութիւն ըրիք ու անոր չհաւատալով՝ անոր խօսքին մտիկ չըրիք։ 24 Ձեզ ճանչցած օրէս ի վեր Տէրոջը անհնազանդ էք։

25 Ուստի ես քառասուն օր ու քառասուն գիշեր որ աղաչեցի, Տէրոջը առջեւ աղաչեցի, որովհետեւ Տէրը որոշեց որ ձեզ կորսնցնէ։ 26 Ես Տէրոջը աղաչելով ըսի. ‘Ո՛վ Տէր Եհովա, մի՛ կորսնցներ քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ, որ քու մեծութիւնովդ ազատեցիր ու զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր։ 27 Քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակն ու Յակոբը՝ յիշէ եւ այս ժողովուրդին խստութեանը, անօրէնութեանն ու մեղքին մի՛ նայիր. 28 Չըլլայ որ այն երկիրն, ուրկէ մեզ հանեցիր, բնակիչները ըսեն թէ՝ «Տէրը կարող չըլլալով զանոնք տանելու այն երկիրը, որ անոնց խոստացեր էր կամ զանոնք ատելով, հանեց զանոնք որպէս զի անապատին մէջ մեռցնէ»։ 29 Որովհետեւ անոնք քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ են, որոնք դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու բարձր բազուկովդ Եգիպտոսէն հանեցիր’։

ՄՈՎՍԷՍ ՆՈՐԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ

(Ելից 34։1-10)

10 1 Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Քեզի նախորդներուն պէս երկու հատ քարէ տախտակ կոփէ՛ ու լեռը ինծի ելի՛ր ու նաեւ քեզի փայտէ տապանակ մը շինէ՛։ Տախտակներուն վրայ քու կոտրած տախտակներուդ վրայի խօսքերը պիտի գրեմ։ Զանոնք տապանակին մէջ դի՛ր’։ Ուստի ես Սատիմի փայտէ տապանակ մը շինեցի ու նախորդին պէս երկու քարէ տախտակ կոփեցի ու այն երկու տախտակները ձեռքս առնելով լեռը ելայ։ Տէրը տախտակներուն վրայ նոյն տասը խօսքերը գրեց, որոնք Տէրը ձեզի լերանը վրայ կրակին մէջէն խօսեցաւ ժողովին օրը։ Տէրը զանոնք ինծի տուաւ։ Անկէ դառնալով լեռնէն վար իջայ ու տախտակները իմ շինած տապանակիս մէջ դրի, որպէս զի հոն մնան, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց»։

(Իսրայէլի որդիները Բերոթ–Բանէ–Յականէն Մօսէրա չուեցին. հոն մեռաւ Ահարոն ու հոն թաղուեցաւ եւ անոր որդին Եղիազարը անոր տեղ քահանայ եղաւ։ Անկէ Գադգադ ու Գադգադէն ջուրի առուներու երկիրը՝ Ետեբաթա՝ չուեցին։

Այն ատեն Տէրը Ղեւիին ցեղը զատեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը կրէ, Տէրոջը առջեւ կենայ որպէս զի անոր ծառայութիւն ընէ ու անոր անունովը օրհնէ մինչեւ այսօր։ Այս պատճառով Ղեւի իր եղբայրներուն հետ բաժին ու ժառանգութիւն պիտի չունենայ։ Անոր ժառանգութիւնը Տէրն է, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ անոր ըսաւ։)

10 «Ես նախորդին նման քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լերանը վրայ կեցայ ու Տէրը այս անգամին ալ ինծի մտիկ ընելով չուզեց քեզ կորսնցնել։ 11 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու ժողովուրդին առջեւէն չուէ՛, որպէս զի մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ երդումով անոնց հայրերուն խոստացայ, անոնց տալ’։

ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

12 Ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Միայն քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ, իր ճամբաներուն մէջ քալել եւ զինք սիրել։ Նաեւ քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտել 13 Եւ Տէրոջը պատուիրանքներն ու կանոնները պահել, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։ 14 Ահա երկինք ու երկինքներուն երկինքը, նաեւ երկիր ու բոլոր անոր մէջ եղածը քու Տէր Աստուծոյդ կը վերաբերին։ 15 Տէրը քու հայրերուդ հաւնեցաւ ու զանոնք սիրեց եւ անոնցմէ ետքը անոնց զաւակները՝ այսինքն ձեզ՝ ընտրեց բոլոր ազգերուն մէջէն, ինչպէս այսօր կը տեսնէք։ 16 Ուստի ձեր սրտերուն անթլփատութիւնը թլփատեցէք ու ձեր պարանոցները ալ մի՛ խստացնէք 17 Քանզի ձեր Տէր Աստուածը աստուածներուն Աստուածը ու տէրերուն Տէրն է. մեծ, հզօր ու ահեղ Աստուած է, որ աչառութիւն չ’ըներ ու կաշառք չ’առներ. 18 Անիկա որբին ու որբեւայրիին իրաւունք կ’ընէ, պանդուխտը կը սիրէ ու անոր հաց ու հանդերձ կու տայ։ 19 Ուրեմն պանդուխտը սիրեցէք. քանզի դուք ալ Եգիպտացիներու երկրին մէջ պանդուխտ էիք։ 20 Քու Տէր Աստուծմէդ պէտք է վախնաս ու զանիկա պաշտես ու անոր յարիս ու անոր անունովը երդում ընես։ 21 Քու պարծանքդ անիկա է եւ քու Աստուածդ անիկա է, որ քեզի համար այս մեծ ու սքանչելի բաներն ըրաւ, որոնք դուն քու աչքերովդ տեսար։ 22 Քու հայրերդ եօթանասուն հոգի էին, երբ Եգիպտոս իջան. բայց հիմա քու Տէր Աստուածդ քեզ երկնքի աստղերուն պէս շատցուց։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ

11 1 «Ուրեմն դուն քու Տէր Աստուածդ պէտք է սիրես ու միշտ անոր հրամանները՝ կանոնները, օրէնքներն ու պատուիրանքները՝ պահես։ Այսօր գիտցէ՛ք, թէ ձեր որդիներուն չէ իմ խօսքս, որովհետեւ անոնք չգիտցան ու չտեսան ձեր Տէր Աստուծոյն խրատը, անոր մեծութիւնը, զօրաւոր ձեռքը ու բարձր բազուկը, Եգիպտոսի մէջ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ու անոր բոլոր երկրին վրայ ըրած նշաններն ու գործերը, Ինչ որ ըրաւ Եգիպտացիներու զօրքերուն, ձիերուն ու կառքերուն, երբ անոնք ձեր ետեւէն ինկան, ի՛նչպէս Տէրը Կարմիր ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց ու զանոնք կորսնցուց Եւ ինչ որ ըրաւ ձեզի անապատին մէջ, մինչեւ ձեր հոս գալը, Ինչ որ Ռուբէնեան Եղիաբին որդիներուն, Դաթանին ու Աբիրոնին ըրաւ. ի՛նչպէս երկիրը իր բերանը բացաւ ու զանոնք իրենց ընտանիքներովը, իրենց վրաններովն ու իրենց ամէն ստացուածքովը Իսրայէլի մէջէն կլլեց։ Սակայն Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը ձեր աչքերը տեսան։

ԽՈՍՏԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿՐԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Ուրեմն ձեզի պահեցէք այն ամէն պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի զօրանաք ու մտնէք այն երկիրը, ուր կ’երթաք զանիկա ժառանգելու։ Ձեր օրերը երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ՝ իրենց եւ իրենց սերունդին տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։

10 «Քանզի այն երկիրը, ուր դուք պիտի մտնէք զանիկա ժառանգելու համար, Եգիպտոսի երկրին պէս չէ, ուրկէ ելաք. ուր երբ սերմ կը ցանէիք, բանջարի պարտէզի պէս ոտքերով անոր ջուր կու տայիք։ 11 Այլ ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկիրը լեռներու ու հովիտներու երկիր մըն է. երկնքի անձրեւին ջրովը կը ջրուի. 12 Այնպիսի երկիր մըն է, որ քու Տէր Աստուածդ կը խնամէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ աչքը տարուան սկիզբէն մինչեւ վերջը անոր վրայ է։ 13 Ուստի եթէ ուշադրութեամբ մտիկ ընէք իմ պատուիրանքներս, որոնք այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր Տէր Աստուածը սիրէք եւ զանիկա ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը պաշտէք, 14 Այն ատեն ձեր երկրին անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը, իրենց ատենին պիտի տամ եւ քու ցորենդ, քու գինիդ ու քու իւղդ պիտի հաւաքես։ 15 Նաեւ քու արտիդ մէջ խոտ պիտի տամ անասուններուդ համար, որպէս զի ուտեն ու կշտանան։ 16 Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ թէ ձեր սիրտը խաբուի ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագութիւն ընէք։ 17 Տէրը ձեզի դէմ սաստիկ բարկանալով երկինքը կը գոցէ, որպէս զի անձրեւ չգայ ու երկիր իր պտուղը չտայ եւ Տէրոջը ձեզի տուած բարի երկրէն շուտով կորսուիք։

18 «Այս իմ խօսքերս ձեր սրտին ու հոգիին մէջ պահեցէք ու զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք ու ճակատանոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ թող ըլլան 19 Եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ։ 20 Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ ու դռներուդ վրայ գրէ՛. 21 Որպէս զի այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու, ձեր օրերն ու ձեր որդիներուն օրերը շատնան իբրեւ երկնքի օրեր՝ երկրի վրայ։

22 «Քանզի եթէ այս իմ ձեզի պատուիրած բոլոր պատուիրանքներս զգուշութեամբ պահէք ու կատարէք եւ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք ու անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք եւ անոր յարիք, 23 Տէրն ալ բոլոր ազգերը ձեր առջեւէն պիտի վռնտէ եւ դուք մեծ ու զօրաւոր ազգերու վրայ պիտի տիրէք։ 24 Ձեր ոտքին ամէն կոխած տեղը ձերը պիտի ըլլայ. ձեր սահմանը անապատէն ու Լիբանանէն, գետէն՝ այսինքն Եփրատ գետէն՝ մինչեւ արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։ 25 Բնաւ մէկը պիտի չկարենայ ձեզի դէմ դնել. ձեր Տէր Աստուածը ձեր ամէն կոխած երկրի վրայ ձեզմէ վախ մը ու սոսկում մը պիտի բերէ, ինչպէս ձեզի ըսաւ։

ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆԷԾՔՆԵՐԸ

26 «Ահա ես այսօր ձեր առջեւ օրհնութիւն ու անէծք կը դնեմ. 27 Օրհնութիւնը՝ եթէ հնազանդութիւն ընէք ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ 28 Եւ անէծքը՝ եթէ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն չհնազանդիք ու խոտորիք այն ճամբայէն, որ ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթաք։ 29 Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ու ժառանգես, օրհնութիւնը Գարիզին լերանը վրայ ու անէծքը Գեբաղ լերանը վրայ պիտի դնես։ 30 Ահա ասոնք Յորդանանի անդիի կողմը արեւմտեան ճամբուն վրայ, Մօրէի կաղնիներուն մօտ, Գաղգաղայի դիմացի հովտին մէջ բնակող Քանանացիներուն երկրին մէջ են։ 31 Որովհետեւ դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ ու զանիկա պիտի ժառանգէք եւ անոր մէջ պիտի բնակիք։ 32 Ուրեմն զգուշութեամբ գործադրեցէք այն բոլոր կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր ձեր առջեւ կը դնեմ»։

ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ՏԵՂԸ

12 1 «Ասոնք են այն կանոններն ու օրէնքները, որոնք դուք պահելու եւ ընելու էք այն երկրին մէջ որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ իբր ժառանգութիւն, որչափ ժամանակ որ երկրի վրայ ապրիք։ Այն բոլոր տեղերը, ուր պարտուած ազգերը՝ բարձր լեռներու վրայ, բլուրներու վրայ ու ամէն տերեւալից ծառերու տակ՝ իրենց աստուածները պաշտեր են, բոլորովին պէտք է կործանէք, Նաեւ անոնց սեղանները փլցնէք եւ անոնց արձանները կոտրտէք, անոնց Աստարովթները կրակով այրէք ու անոնց աստուածներուն կուռքերը կտոր կտոր ընէք եւ անոնց անունները այն տեղէն ոչնչացնէք։

«Իսկ ձեր Տէր Աստուծոյն այսպէս մի՛ ընէք։ Բայց դուք պիտի փնտռէք այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը բոլոր ցեղերուն մէջէն պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեան համար։ Հոն պիտի երթաք, Ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաները, ձեր ուխտերը, ձեր կամաւոր ընծաներն ու ձեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները հոն պիտի տանիք Եւ հոն ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ պիտի ուտէք եւ ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար՝ ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ պիտի ուրախանաք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր ընտանիքը։

«Մի՛ ընէք այն ամենուն համեմատ, որ մենք այսօր այստեղ կ’ընենք, այսինքն ամէն մարդ իր աչքերուն հաճոյ եղածին պէս Քանզի մինչեւ հիմա չհասաք այն հանգստութեանն ու ժառանգութեանը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։ 10 Բայց դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք ու պիտի բնակիք այն երկրին մէջ, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ժառանգութիւն պիտի տայ ու ձեր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն ձեզ պիտի հանգստացնէ ու ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ 11 Այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար, բոլոր ձեզի պատուիրածներս պիտի տանիք՝ ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաներն ու ձեր բոլոր ուխտերուն ընտիր ընծաները, որոնք Տէրոջը պիտի նուիրէք։ 12 Եւ ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուրախութիւն պիտի ընէք, թէ՛ դուք, թէ՛ ձեր տղաքներն ու աղջիկները, ձեր ծառաներն ու աղախինները եւ թէ՛ ձեր դռները եղող Ղեւտացին, վասն զի անիկա ձեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։

13 «Ուշադիր եղիր, չըլլայ թէ ամէն տեսած տեղդ քու ողջակէզներդ մատուցանես. 14 Այլ քու ողջակէզներդ ա՛յն տեղը պիտի մատուցանես, որ Տէրը քու ցեղերէդ մէկուն մէջ պիտի ընտրէ։ Հոն իմ բոլոր պատուիրած բաներս պիտի կատարես։ 15 Սակայն բոլոր քաղաքներուդ մէջ սրտիդ ուզածին պէս անասուններ կրնաս մորթել ու միսը ուտել, որչափ որ քու Տէր Աստուածդ քեզի օրհնութիւն տուեր է ու զանիկա անմաքուր ու մաքուր մարդը այծեամի ու եղջերուի պէս կրնան ուտել։ 16 Բայց արիւնը մի՛ ուտէք. զանիկա ջուրի պէս գետինը թափեցէք։

17 «Ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդները, արջառներուդ ու հօտերուդ անդրանիկները, բոլոր ուխտի նուէրներդ եւ կամաւոր ու բարձրացնելու ընծաներդ քու դռներուդ մէջ մի՛ ուտեր. 18 Այլ զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը կեր, թէ՛ դուն, թէ՛ քու տղադ ու աղջիկդ, թէ՛ ծառադ ու աղախինդ եւ թէ՛ քու դռներդ եղող Ղեւտացին եւ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ քու բոլոր ձեռնարկներուդ վրայ պիտի ուրախանաս։ 19 Զգոյշ կեցիր, չըլլայ թէ Ղեւտացին անտես ընես, քանի որ ողջ ես քու երկրիդ վրայ։

20 «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսածին պէս քու սահմանդ ընդարձակէ ու սիրտդ միս ուտել ուզէ՝ ‘Միս ուտեմ’ ըսես, սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս կեր։ 21 Եթէ քեզմէ հեռու ըլլայ այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզի պատուիրածիս պէս քու արջառներէդ ու ոչխարներէդ մորթէ՛, որոնք Տէրը քեզի պիտի տայ ու քու սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս քու քաղաքներուդ մէջ կեր։ 22 Այծեամն ու եղջերուն ի՛նչպէս կ’ուտուի, զանոնք ալ այնպէս կեր։ Անմաքուր ու մաքուր մարդը անխտիր թող ուտեն։ 23 Բայց զգուշացիր, որ արիւնը չուտես. վասն զի արիւնը ոգին է ու ոգին միսին հետ մի՛ ուտեր։ 24 Զանիկա մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ։ 25 Զանիկա մի՛ ուտեր, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ՝ Տէրոջը առջեւ ուղիղ սեպուածը ընելովդ։ 26 Բայց քու նուէրներդ եւ ուխտերդ ա՛ռ ու Տէրոջը ընտրած տեղը գնա՛։ 27 Քու ողջակէզներուդ միսն ու արիւնը, քու զոհերուդ արիւնը քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին վրայ թափէ՛, բայց միսը կե՛ր։

28 «Ուշադրութեամբ հնազանդիր այս բոլոր խօսքերուն, որոնք քեզի պատուիրեցի, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ աղէկ ու հաճոյ եղածը ընելովդ՝ քեզի ու քեզմէ յետոյ քու որդիներուդ յաւիտեան աղէկ ըլլայ։

ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

29 «Երբ քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ ջարդէ այն ազգերը, որոնց երկիրը դուն պիտի ժառանգես ու երբ զանոնք ժառանգես ու անոնց երկրին մէջ բնակիս, 30 Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլա՛յ որ անոնց քու առջեւէդ բնաջինջ ըլլալէն ետքը անոնց հետեւելով՝ որոգայթի մէջ իյնաս եւ չըլլա՛յ որ անոնց աստուածներուն վրայով հարցուփորձես՝ ըսելով. ‘Այս ազգերը ի՞նչպէս իրենց աստուածները կը պաշտէին. ես ալ այնպէ՛ս ընեմ’։ 31 Դուն քու Տէր Աստուծոյդ այնպէս մի՛ ըներ, քանզի անոնք Տէրոջը ատելի եղած բոլոր գարշելի բաները իրենց աստուածներուն կ’ընէին. որովհետեւ անոնք իրենց աստուածներուն պատիւ ընելու համար մինչեւ անգամ իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակով կ’այրէին։ 32 Ես քեզի ինչ որ կը պատուիրեմ, ուշադրութեամբ կատարէ. անոր վրայ բան մը մի՛ աւելցներ ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցներ»։

ՊԱՏԻԺ՝ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՐԴՈՐՈՂՆԵՐՈՒՆ

13 1 «Եթէ ձեր մէջէն մարգարէ մը կամ երազատես մը ելլէ ու ձեզի նշան մը կամ հրաշք մը ընէ Եւ ձեզի ըրած նշանը կամ հրաշքը կատարուի ու ձեզի ըսէ թէ երթանք օտար աստուածներ պաշտենք, որոնք դուք չէք ճանչցած, Այն մարգարէին կամ երազատեսին խօսքին մտիկ մի՛ ընէք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ձեզ կը փորձէ, որպէս զի հասկնայ թէ արդեօք դուք ձեր Տէր Աստուածը ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը կը սիրէ՞ք։ Ձեր Տէր Աստուծոյն հետեւեցէք ու անկէ վախցէք, անոր պատուիրանքները պահեցէք ու անոր խօսքին հնազանդեցէք, զանիկա պաշտեցէք ու անոր յարեցէք։ Այն մարգարէն կամ երազատեսը պէտք է մեռցուի, վասն զի ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող ու ձեզ ծառայութեան տունէն ազատող ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբութիւն հանելու աշխատեցաւ, որպէս զի ձեզ խոտորեցնէ այն ճամբայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց, որ անոր մէջէն քալէք. այս տեսակ չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք։

«Եթէ քու մօրդ տղան՝ քու եղբայրդ, կամ քու տղադ, կամ՝ աղջիկդ, կամ ծոցիդ կինը եւ կամ քու բարեկամդ, որ քու անձիդ պէս կը սիրես, քեզ մոլորեցնել ուզելով ծածկաբար ըսէ՝ ‘Երթանք եւ օտար աստուածներ պաշտենք’, որոնք ո՛չ դուն ճանչցար, ոչ ալ քու հայրերդ Ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն աստուածներէն, ձեզի մօտ ըլլան կամ ձեզմէ հեռու, երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը, Անոր հաւանութիւն մի՛ տար, ոչ ալ անոր մտիկ ըրէ։ Քու աչքդ անոր թող չխնայէ, ո՛չ ալ անոր վրայ գութ ունենալով պահես զանիկա, Այլ անշուշտ պէտք է մեռցնես ու զանիկա մեռցնելու համար նախ քու ձեռքդ անոր վրայ ըլլայ ու ետքը բոլոր ժողովուրդին ձեռքը. 10 Քարերով քարկոծես զանիկա, որպէս զի մեռնի. քանզի ուզեց քեզ ապստամբեցնել քու Տէր Աստուծոյդ դէմ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեց։ 11 Որպէս զի բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնայ ու անգամ մըն ալ ձեր մէջ ասոր պէս չարութիւն մը չընեն։

12 «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ՝ բնակութեան համար քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն վրայով լսես, որ կ’ըսէր թէ 13 Ձեր մէջէն քանի մը չար մարդիկ ելան ու իրենց քաղաքին բնակիչները ապստամբեցուցին, ըսելով. ‘Երթանք ձեր չճանչցած օտար աստուածները պաշտենք’, 14 Այն ատեն աղէկ մը քննէ՛ ու հարցուփորձէ՛ ու երբ տեսնես որ ըսուած բանը ճշմարիտ ու ստոյգ է եւ այն գարշելի բանը ձեր մէջ եղած է, 15 Այն քաղաքին բնակիչները անպատճառ սուրի բերնէ պէտք է անցընես, թէ՛ զայն եւ թէ՛ անոր մէջ եղած բոլոր բաները նզովելով. անասուններն ալ սուրի բերնէ պէտք է անցընես։ 16 Անոր բոլոր աւարը անոր հրապարակին մէջ հաւաքէ ու այն քաղաքը եւ անոր բոլոր աւարը քու Տէր Աստուծոյդ համար ամբողջութեամբ կրակով այրէ՛, որ անիկա յաւիտեան աւերակ մնայ ու անգամ մըն ալ չշինուի։ 17 Այն նզովուածէն ձեռքիդ մէջ բան մը թող չփակչի։ Որպէս զի Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դառնայ, քեզի ողորմութիւն ու գթութիւն ընէ եւ քեզ շատցնէ, ինչպէս քու հայրերուդ երդում ըրաւ։ 18 Դուն քու Տէր Աստուծոյդ ձայնին հնազանդելով անոր բոլոր պատուիրանքները պահէ՛, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ ու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուղիղ եղածը ըրէ՛։

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՍՈՒԳԻ ՑՈՅՑԷ

14 1 «Դուք ձեր Տէր Աստուծոյն որդիներն էք, մեռելի համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ պէտք չէ ընէք ու ձեր ճակատին մէջտեղի մազերը պէտք չէ փետտէք. Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ Տէրը երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս։

ՄԱՔՈՒՐ ԵՒ ԱՆՄԱՔՈՒՐ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ

(Ղեւ. 11։1-47)

«Բնաւ պիղծ բան մի՛ ուտեր։ Ասոնք են ձեր ուտելու անասունները՝ արջառը, ոչխարն ու այծը, Եղջերուն, այծեամը, վիթը, խարբուզը, այծքաղը, յամոյրն ու անալութը։ Մնացեալ կենդանիներէն բոլոր կճղակաբաշխ (այսինքն կճղակը երկուքի բաժնուած) ու որոճացող անասունները կրնաք ուտել. Բայց որոճացողներէն կամ կճղակաբաշխ եղողներէն հետեւեալները մի՛ ուտէք՝ ուղտը, նապաստակն ու ճագարը. քանզի ասոնք թէպէտեւ կ’որոճան, բայց կճղակաբաշխ չեն։ Անոնք անմաքուր են։ Եւ խոզը, որ թէեւ կճղակաբաշխ է, բայց չորոճար, անիկա անմաքուր է։ Ասոնց միսը մի՛ ուտէք ու ասոնց դիակներուն մի՛ դպչիք։

«Ջուրերուն մէջ բոլոր եղածներէն հետեւեալները կերէ՛ք՝ ամէն թեւ ու թեփ ունեցողը, 10 Բայց ոեւէ թեւ ու թեփ չունեցող մի՛ ուտէք։ Անոնք անմաքուր են։

11 «Ամէն մաքուր թռչուն կերէք։ 12 Բայց մի՛ ուտէք հետեւեալ թռչունները՝ արծիւը եւ պասկուճն ու գետարծիւը, 13 Ցինն ու անգղը եւ ուրուրը իր տեսակներով 14 Ու ագռաւը իր տեսակներով 15 Եւ ջայլամն ու բուն եւ կկուն ու բազէն իր տեսակներով 16 Եւ հաւպատիրն ու քաջահաւը եւ կարապը 17 Եւ հաւալուսն ու սեւ անգղը եւ հողամաղը 18 Եւ արագիլն ու քարադրը իր տեսակներով եւ յոպոպն ու չիղջը։ 19 Բոլոր թռչող զեռունները անմաքուր են. անոնք պէտք չէ ուտուին։ 20 Ամէն մաքուր թռչուն կերէ՛ք։

21 «Ինքնիրմէ մեռածը բնաւ մի՛ ուտէք։ Զանիկա քու դռներդ եղող պանդուխտին տուր որպէս զի ուտէ, կամ օտարազգիի մը ծախէ. քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։

«Ուլը իր մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։

ՏԱՍԱՆՈՐԴԻՆ ՕՐԷՆՔԸ

22 «Ամէն տարի քու ցանած սերմիդ արդիւնքէն, արտէն ելած ամէն արմտիքներէն, անպատճառ տասանորդ պէտք է տաս։ 23 Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդը ու արջառներուդ եւ ոչխարներուդ անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր, այն տեղը, որ ինք իր անուանը բնակութեանը համար պիտի ընտրէ. որպէս զի միշտ քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ սորվիս։ 24 Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզ օրհնելուն համար ճամբան քեզի հեռու ըլլայ եւ այն տեղը՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզմէ հեռու ըլլալով չկրնաս տասանորդը հոն տանիլ, 25 Այն ատեն զանոնք ծախէ ու ստակը ծրարելով ձեռքդ ա՛ռ եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը գնա՛։ 26 Այն ստակը սրտիդ բոլոր ցանկացած բաներուն, արջառներու կամ ոչխարներու, գինիի կամ օղիի ու սրտիդ ուզածներուն փոխարէն տուր։ Հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր եւ ուրախացի՛ր դուն եւ քու ընտանիքդ։ 27 Քու դռներդ եղող Ղեւտացին ալ զանց մի՛ ըներ, քանզի անիկա քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։

28 «Ամէն երրորդ տարուան վերջաւորութեան նոյն տարուան արմտիքներուն բոլոր տասանորդը հանէ՛ եւ զանիկա քու քաղաքներուդ մէջ պահէ՛. 29 Որպէս զի երբ Ղեւտացին (որ քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի) եւ դռներդ եղող օտարականը, որբն ու որբեւայրին գան՝ ուտեն, կշտանան, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քեզ եւ քու ձեռքերուդ կատարած բոլոր գործերը օրհնէ։

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ

(Ղեւ. 25։1-7)

15 1 «Եւ ամէն եօթներորդ տարի պարտքեր շնորհէ՛։ Շնորհելու կանոնը այս է՝ Ամէն պարտատէր որ իր դրացիին բան մը փոխ տուած է, զանիկա պիտի շնորհէ. իր դրացիէն կամ եղբօրմէն պիտի չպահանջէ զայն, վասն զի թողութիւն յայտարարուած է Տէրոջմէ։ Օտարազգիէն պիտի պահանջես, բայց քու եղբօրմէդ առնելիքդ պիտի շնորհես. Մինչեւ որ քու քովդ աղքատ չգտնուի. վասն զի Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես։ Միայն՝ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին ամէն կերպով հնազանդիս ու այս բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ՝ զգուշութեամբ գործադրես, Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի ըսածին պէս քեզ պիտի օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ մի՛ առներ, քանզի դուն շատ ազգերու վրայ պիտի տիրես, բայց անոնք քու վրադ թող չտիրեն։

«Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն մի՛ ըներ ու աղքատ եղբօրդ ձեռքդ մի՛ գոցեր։ Հապա անպատճառ ձեռքդ բաց անոր ու անոր կարօտութեանը բաւելու չափ անոր տո՛ւր։ Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլայ թէ սրտիդ մէջէն չար խորհուրդ մը անցընես ու եօթներորդ տարին, շնորհելու տարին, մօտ է՝ մտածելով՝ աղքատ եղբօրդ վրայ անգութ աչքով նայիս ու անոր փոխ չտաս եւ ան ալ քեզի դէմ Տէրոջը աղաղակէ ու դուն մեղքի տէր ըլլաս։ 10 Անպատճառ անոր տուր ու անոր տալու ատենդ սիրտդ թող չնեղուի. վասն զի Տէր Աստուածդ այս պատճառով քու բոլոր գործերուդ ու ձեռնարկներուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։ 11 Որովհետեւ երկրին մէջէն աղքատ պակաս պիտի չըլլայ, անոր համար քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ՝ ‘Քու երկրիդ մէջ եղած աղքատ ու չքաւոր եղբօրդ ձեռքդ բաց ըլլայ’։

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ

(Ելից 21։1-11)

12 «Եթէ քու եղբայրներէդ Եբրայեցի մարդ մը կամ կին մը քեզի ծախուի, անիկա վեց տարի քեզի ծառայութիւն թող ընէ, բայց եօթներորդ տարին զանիկա ազատ արձակէ՛։ 13 Ազատ արձակելու ատենդ զանիկա պարապ մի՛ արձակեր. 14 Քու ոչխարներէդ, քու կալէդ եւ քու հնձանէդ անպատճառ պարգեւ մը տուր անոր. քու Տէր Աստուածդ ինչպէս քեզ օրհնեց, նոյնպէս տուր անոր։ 15 Միտքդ բե՛ր, թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ փրկեց։ Այս պատճառով այսօր քեզի կը պատուիրեմ այս բանը։ 16 Բայց եթէ քեզ եւ քու տունդ սիրելուն համար ու անիկա քու քովդ հանգիստ ըլլալուն համար ‘Քովէդ չեմ ելլեր’ ըսէ, 17 Այն ատեն հերիւն մը ա՛ռ ու անոր ականջը դրանը վրայ ծակէ՛ եւ անիկա քեզի յաւիտեան ծառայ թող ըլլայ։ Աղախինիդ ալ նոյնպէս ըրէ։ 18 Զանիկա քու քովէդ ազատ արձակելդ դժուար թող չերեւնայ քեզի, վասն զի քեզի վեց տարի ծառայութիւն ըրած է, որ վարձկանի մը վարձքին կրկնապատիկ արժէքը ունի ու քու Տէր Աստուածդ բոլոր գործերուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։

ԱՐՋԱՌԻՆ ԵՒ ՈՉԽԱՐԻՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ

19 «Քու արջառներէդ ու հօտերէդ ծնած ամէն արու անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ նուիրէ՛։ Արջառներուդ անդրանիկներովը մի՛ գործեր ու անդրանիկ ոչխարներուդ բուրդը մի՛ կտրեր։ 20 Ամէն տարի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ, Տէրոջը ընտրած տեղը, կերէք զանոնք դուն եւ քու ընտանիքդ։ 21 Բայց եթէ անոնք արատաւոր ըլլան, կաղ կամ կոյր ըլլան, կամ ոեւէ ուրիշ գէշ արատ մը ունենան, զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ մի՛ զոհեր։ 22 Այնպիսին քու քաղաքներուդ մէջ կե՛ր։ Անմաքուր ու մաքուր եղողները անխտրաբար կրնան ուտել այծեամի ու եղջերուի պէս։ 23 Միայն անոր արիւնը մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ զայն։

ԶԱՏԻԿԸ

(Ելից 12։1-20)

16 1 «Ապիպ ամսուն ուշադրութիւն ըրէ, որպէս զի զատիկը ընես քու Տէր Աստուծոյդ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Ապիպ ամսուան մէջ գիշերով հանեց քեզ Եգիպտոսէն։ Զատկին համար քու Տէր Աստուծոյդ ոչխարներ ու արջառներ մորթէ՛ այն տեղը, որ Տէրը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար։ Անոր հետ խմորեալ հաց մի՛ ուտեր, եօթը օր դառնութեան անխմոր հաց պիտի ուտես անոր հետ. վասն զի Եգիպտոսի երկրէն տագնապով ելար. որպէս զի քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ Եգիպտոսի երկրէն ելած օրդ միտքդ բերես։ Քու բոլոր սահմաններուդ մէջ եօթը օր բնաւ խմոր թող չերեւնայ քովդ ու նախորդ իրիկունը մորթուած միսը մինչեւ առտու թող չմնայ։ Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն ոեւէ մէկուն մէջ զատիկը մի՛ մորթեր. Հապա միայն այն տեղ՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար. հոն մորթէ՛ զատիկը իրիկուան դէմ՝ արեւին մարը մտած ատենը, Եգիպտոսէն ելած ժամանակդ։ Քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը զանիկա եփէ եւ կեր եւ առտուն դարձիր՝ տունդ գնա՛։ Վեց օր բաղարջ պիտի ուտես ու եօթներորդ օրը քու Տէր Աստուծոյդ համար տօնախմբութեան օր պիտի ըլլայ եւ գործ մը չընես։

ՀՈՒՆՁՔԻ ՏՕՆԸ

(Ելից 34։22, Ղեւ. 23։15-21)

«Դուն եօթը շաբաթ հաշուէ։ Եօթը շաբաթները հաշուել սկսէ, այն օրէն երբ սկսիս մանգաղով հնձել։ 10 Ետքը քու Տէր Աստուծոյդ շաբաթներուն տօնը պահելով, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէդ եկած կամաւոր ընծան տո՛ւր։ 11 Այն տեղ, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար՝ հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ ու քու քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին եւ ձեր մէջ գտնուած օտարականը, որբն ու որբեւայրին։ 12 Եգիպտոսի մէջ ծառայ ըլլալդ միտքդ բերելով՝ այս կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ՛։

ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ ՏՕՆ

(Ղեւ. 23։33-43)

13 «Քու կալիդ ու հնձանիդ բերքը հաւաքելէդ ետքը եօթը օր տաղաւարահարաց տօնը պահէ։ 14 Տօնիդ մէջ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ, քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին, օտարականը եւ որբն ու որբեւայրին։ 15 Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր բերքերդ ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնելուն համար, Տէրոջը ընտրած տեղը քու Տէր Աստուծոյդ եօթը օր տօն պահելով ուրախութիւն ըրէ։

16 «Տարին երեք անգամ, այսինքն բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու տաղաւարահարաց տօնին, քու բոլոր արուներդ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիտի երեւնան՝ այն տեղ, որ ինք պիտի ընտրէ ու մէկը Տէրոջը առջեւ ձեռքը պարապ թող չելլէ։ 17 Ամէն մէկը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէն եկածին չափ նուէր թող բերէ։

ԴԱՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

18 «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ քու ցեղերուդ համեմատ՝ քեզի դատաւորներ ու ոստիկաններ կարգէ, որ անոնք արդար դատաստանով ժողովուրդը դատեն։ 19 Իրաւունքը մի՛ ծռեր, աչառութիւն մի՛ ըներ ու կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը իմաստուններուն աչքը կը կուրցնէ ու արդարներուն խօսքը սուտ կը հանէ։ 20 Արդարութեան, միայն արդարութեան հետեւիր, որպէս զի ողջ մնաս եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տալու երկիրը ժառանգես։

21 «Քու Տէր Աստուծոյդ համար շինելու սեղանիդ քով ոեւէ անտառ մի՛ տնկեր քեզի։ 22 Արձան ալ մի՛ կանգնեցներ քեզի, որմէ քու Տէր Աստուածդ կը զզուի»։

17 1 «Արատ մը կամ ոեւէ պակասութիւն ունեցող արջառ կամ ոչխար քու Տէր Աստուծոյդ զոհ մի՛ մատուցաներ, վասն զի այս բանը քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ է։ «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն մէջ այնպիսի մարդ մը կամ կին մը գտնուի, որ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ չարութիւն ընելով ու անոր ուխտը չպահելով Իմ հրամանիս հակառակ՝ երթայ ուրիշ աստուածներու, արեգակին կամ լուսնին եւ կամ երկնքի ոեւէ զարդի ծառայութիւն ու երկրպագութիւն ընէ Եւ այս բանը քեզի պատմուի, դուն լսելէդ ետքը աղէկ մը քննութիւն ըրէ՛ եւ եթէ ճշմարիտ ու ստոյգ ըլլայ, որ Իսրայէլի մէջ այնպիսի պղծութիւն մը եղած է, Այն ատեն այս չարութիւնը ընող մարդը կամ կինը քաղաքէն հանէ՛ եւ քարկոծելով մեռցուր։ Այն մահապարտը երկու կամ երեք վկայութեամբ կրնայ մեռցուիլ, մէկ վկայութեամբ պէտք չէ մեռցուի։ Զանիկա մեռցնելու համար, առաջ վկաներուն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ ու անկէ ետքը՝ բոլոր ժողովուրդին ձեռքը։ Այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցո՛ւր։

«Երբ զանազան տեսակ արիւնահեղութիւններու, դատերու կամ վէրքերու վրայով քու քաղաքներուդ մէջ եղած վէճերուն վճիռ արձակելը խիստ դժուար երեւնայ քեզի, այն ատեն ելիր եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը գնա՛ Ու Ղեւտացի քահանաներուն եւ այն ժամանակի դատաւորներուն մօտենալով խորհուրդ հարցուր։ Անոնք դատարանին վճիռը քեզի թող ըսեն։ 10 Այն ատեն այն վճիռին համեմատ Տէրոջը ընտրած տեղը եւ ինչ որ քեզմէ կը պահանջեն պէտք է կատարես եւ զգուշութեամբ գործադրես։ 11 Անոնց քեզի սորվեցուցած օրէնքն ու յայտնած վճիռը պէտք է ընդունիս։ Անոնց յայտնած խօսքէն մի՛ խոտորիր, ո՛չ աջ դին եւ ո՛չ ձախ դին։ 12 Բայց եթէ մէկը յանդգնի ու քու Տէր Աստուծոյդ պաշտամունքին կեցող քահանային կամ դատաւորին խօսքը մտիկ չընէ, այն մարդը պէտք է մեռնի ու չարութիւնը Իսրայէլէն վերցուի։ 13 Որպէս զի բոլոր ժողովուրդը լսելով վախնայ ու անգամ մըն ալ յանդգնութիւն չունենայ։

ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՅԱՏՈՒԿ ՀՐԱՀԱՆԳ

14 «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես ու անոր տիրելով հոն բնակիս ու ըսես՝ ‘Իմ բոլորտիքս եղող ազգերուն պէս ես ալ իմ վրաս թագաւոր մը կ’ուզեմ դնել’, 15 Անպատճառ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած մարդը վրադ թագաւոր դի՛ր. քու եղբայրներէդ մէկը թող թագաւոր ըլլայ. քու եղբայրդ չեղող օտարականը թագաւոր մի՛ ըներ։ 16 Սակայն թագաւորը իրեն համար ձիեր թող չշատցնէ, ո՛չ ալ շատ ձիեր հաւաքելու համար ժողովուրդը Եգիպտոս դարձնէ. որովհետեւ Տէրը ձեզի ըսաւ. ‘Անգամ մըն ալ այն ճամբան մի՛ դառնաք’։ 17 Նաեւ անիկա իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի ու իրեն համար խիստ շատ արծաթ ու ոսկի չհաւաքէ։ 18 Երբ իր թագաւորութեան աթոռը նստի, այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը Ղեւտացի քահանաներուն քով եղած օրինակէն՝ հատ մը թող գրքի մը մէջ գրէ։ 19 Օրինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ. 20 Որպէս զի իր սիրտը իր եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ ու այս պատուիրանքներէն աջ կամ ձախ դին չխոտորի. որպէս զի իր թագաւորութեանը վրայ երկար կեանք մը վայելէ Իսրայէլի մէջ՝ թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր որդիները։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ

18 1 «Ղեւտացի քահանաները, Ղեւիի բոլոր ցեղը, Իսրայէլի հետ բաժին ու ժառանգութիւն պիտի չունենան. Տէրոջը պատարագներն ու անոր ողջակէզները պիտի ուտեն, Քանի որ անոնք իրենց եղբայրներուն մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենան։ Անոնց ժառանգութիւնը Տէրը ինքն է, ինչպէս անոնց ըսաւ։

«Այս պիտի ըլլայ քահանաներուն իրաւունքը։ Երբ ժողովուրդը զոհ մատուցանեն, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, թեւը, ծնօտներն ու քաղիրթը քահանային պիտի տրուին։ Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ երախայրիները ու նաեւ ոչխարներուդ առաջին բուրդը անոր պիտի տաս, Վասն զի քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր ցեղերուդ մէջէն զանիկա ընտրեց, որպէս զի միշտ Տէրոջը անուան ծառայութիւն ընեն ինք ու իր որդիները։

«Ու երբ Ղեւտացի մը քու քաղաքներէդ մէկէն՝ այսինքն բոլոր Իսրայէլի մէջ իր պանդխտացած տեղէն՝ ելլէ ու իր սրտին բուռն փափաքովը Տէրոջը ընտրած տեղը գայ, Այն ատեն հոն՝ Տէրոջը առջեւ կեցող բոլոր իր Ղեւտացի եղբայրներուն պէս՝ իր Տէր Աստուծոյն անուան ծառայութիւն ընէ. Ու միւսներուն հետ հաւասար բաժին պէտք է առնէ, իր հօրենական ժառանգութեանը գիներէն զատ։

ԿՌԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

«Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես, այն ազգերուն գարշելի գործերուն պէս ընել մի՛ սորվիր։ 10 Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ կամ բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. 11 Նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի. 12 Վասն զի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ ու այս գարշելի բաներուն համար քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ կը հալածէ զանոնք։ 13 Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կատարեալ եղի՛ր. 14 Վասն զի այն ազգերը, որոնց դուն պիտի տիրես, գուշակներուն ու բաղդ նայողներուն մտիկ կ’ընեն. բայց քու Տէր Աստուածդ քեզի այսպէս ընել չ’արտօներ։

ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ ՂՐԿԵԼՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄ

15 «Քու Տէր Աստուածդ քու եղբայրներուդ մէջէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ քեզի։ Անոր մտիկ ըրէք. 16 Ինչպէս Քորեբ լեռը ժողովին օրը քու Տէր Աստուծմէդ խնդրեցիր՝ ըսելով. ‘Իմ Տէր Աստուծոյս ձայնը անգամ մըն ալ չլսեմ ու այս մեծ կրակը անգամ մըն ալ չտեսնեմ, որպէս զի չմեռնիմ’։ 17 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ըսած խօսքերնին շիտակ է. 18 Քեզի պէս մարգարէ մը պիտի հանեմ անոնց իրենց եղբայրներուն մէջէն եւ իմ խօսքերս անոր բերանը պիտի դնեմ ու ինչ որ անոր պատուիրեմ, անոնց պիտի ըսէ 19 Եւ ով որ մտիկ չընէ խօսքերուս, որոնք անիկա իմ անունովս պիտի խօսի, այն մարդէն ես վրէժս պիտի առնեմ։ 20 «Իսկ եթէ մարգարէ մը յանդգնի իմ չպատուիրած խօսքս իմ անունովս ըսել, այն մարգարէն պէտք է մեռցուի’։

21 «Եթէ դուն քու սրտիդ մէջ ըսես թէ ‘Տէրոջը չխօսած բանը ի՛նչպէս գիտնանք’, 22 Եթէ մարգարէ մը Տէրոջը անունովը բան մը ըսէ ու երբ այն բանը իրօք չկատարուի, ըսել է Տէրոջը խօսքը չէր, այլ մարգարէն յանդգնութեամբ ըսեր է։ Անկէ մի՛ վախնար»։

ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

19 1 «Երբ քու Տէր Աստուածդ բնաջինջ ընէ այն ազգերը, որոնց երկիրը քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ, դուն զանոնք վռնտէ եւ անոնց քաղաքներուն ու տուներուն մէջ բնակիր, Քեզի երեք քաղաք զատէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն. Քեզի ճամբայ պատրաստէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութեան համար տուած երկրիդ սահմանը երեքի բաժնէ, որպէս զի ամէն մարդասպան հոն փախչի։

«Եւ մարդասպանին հոն փախչելու կանոնը այս է։ Մարդ մը եթէ նախապէս թշնամութիւն չունենալով՝ անգիտակցաբար դրացին մեռցնէ՝ Զոր օրինակ՝ եթէ մէկը իր դրացիին հետ անտառը երթայ փայտ կտրելու համար ու տապարը վերցուցած ատեն երկաթը կոթէն դուրս ցատկելով դրացիին հանդիպի եւ զանիկա մեռցնէ, անիկա պէտք է այս քաղաքներէն մէկը փախչի, որպէս զի ապրի։ Չըլլայ թէ արեան վրէժխնդիրը սիրտը այրելուն համար մարդասպանին ետեւէն իյնայ եւ ճամբան հեռու ըլլալով անոր հասնի ու զանիկա մեռցնէ։ Թէեւ մեռնելու արժանի չէ, քանի որ նախապէս անոր դէմ թշնամութիւն չունէր։ Ասոր համար ես քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ, որ քեզի երեք քաղաք զատես։

«Եթէ քու Տէր Աստուածդ՝ քու հայրերուդ երդում ըրածին պէս՝ քու սահմաններդ ընդարձակէ ու քու հայրերուդ խոստացուած բոլոր երկիրները քեզի տայ եւ եթէ պահես ու կատարես այն բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կ’իմացնեմ եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես ու միշտ անոր ճամբաներուն մէջ քալես, այն ատեն այս երեք քաղաքին վրայ ուրիշ երեք քաղաք ալ պիտի աւելցնեմ, 10 Որպէս զի քու երկրիդ մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի իբր ժառանգութիւն տուաւ, անմեղ արիւն չթափուի ու դուն արեան պարտական չըլլաս։

11 «Բայց եթէ մարդ մը իր դրացիին դէմ ոխ ունենալով անոր դարանամուտ ըլլայ ու անոր դէմ ելլելով զանիկա զարնէ մեռցնէ ու ետքը այս քաղաքներէն մէկուն մէջ ապաստանելու ըլլայ, 12 Այն ատեն իր քաղաքին ծերերը պէտք է մարդ ղրկեն ու զանիկա անկէ առնեն եւ արեան վրէժխնդրին ձեռքը տան, որպէս զի զայն մեռցնէ։ 13 Քու աչքդ անոր չխնայէ։ Իսրայէլի մէջէն անմեղ արիւնը վերցուր, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։

ՀԻՆ ԿԱԼՈՒԱԾԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ

14 «Քու կալուածիդ մէջ, որ պիտի ժառանգես քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ, չըլլայ որ փոխես քու դրացիիդ սահմանը, որ քու նախահայրերդ հաստատեցին։

ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

15 «Մարդու մը ոեւէ անօրէնութեան ու մեղքի համար, յանցաւոր ըլլալը հաստատելու համար, մէկ վկայ բաւական մի՛ սեպեր, այլ գոնէ երկու կամ երեք վկաներով պէտք է հաստատուի ամէն բան։

16 «Եթէ մարդու մը դէմ սուտ վկայ մը ելլէ անոր անօրէնութիւնը հաստատելու համար, 17 Այն ատեն այն երկու մարդիկը, որոնց մէջտեղ այս հակառակութիւնը կայ, Տէրոջը առջեւ ու այն ժամանակի քահանաներուն ու դատաւորներուն առջեւ պէտք է կենան. 18 Դատաւորները աղէկ մը պէտք է քննեն եւ եթէ այդ վկային սուտ վկայութիւն ըրած ըլլալը հաստատուի, 19 Այն ատեն, ինչպէս անիկա իր եղբօրը ընել խորհեցաւ, նոյնը ըրէք իրեն, այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք, 20 Որպէս զի ուրիշներն ալ լսելով վախնան եւ անգամ մըն ալ ձեր մէջ այնպիսի գէշ բան մը չտեսնուի։ 21 Քու աչքդ չխնայէ. անձի տեղ՝ անձ, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ, ձեռքի տեղ՝ ձեռք ու ոտքի տեղ ոտք պիտի տրուի»։

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ

20 1 «Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմելու ելլես ու ձիեր եւ կառքեր ու քեզմէ շատուոր ժողովուրդ տեսնես, անոնցմէ մի՛ վախնար. վասն զի քեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանող քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ է։ Երբ ստիպուիս պատերազմիլ, քահանան ներկայանալով՝ ժողովուրդին պիտի խօսի Ու անոնց ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ։ Այսօր դուք ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու կը ստիպուիք։ Սրտերնիդ թող չթուլնայ։ Մի՛ վախնաք, մի՛ զարհուրիք ու անոնց երեսէն մի՛ դողաք. Վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ձեզի հետ պիտի երթայ, ձեզի համար՝ ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու եւ ձեզ ազատելու’։

«Այն ատեն ոստիկանները ժողովուրդին խօսելով՝ պիտի ըսեն. ‘Ով որ նոր տուն շիներ է ու անոր նաւակատիքը չէ ըրեր, թող իր տունը դառնայ, չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի եւ ուրիշ մէկը նաւակատիքը ընէ։ Ով որ այգի տնկեր է ու անոր պտուղէն դեռ չէ կերած, թող իր տունը դառնայ. չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի ու անոր առաջին պտուղը ուրիշ մը ուտէ։ Եւ ով որ կնոջ մը նշանուած է ու զանիկա չէ առած, թող իր տունը դառնայ, չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի ու զանիկա ուրիշ մարդ մը առնէ’։ Ոստիկանները իրենց խօսքը շարունակելով պիտի ըսեն ժողովուրդին. ‘Ով որ վախկոտ ու թուլասիրտ է, թող իր տունը դառնայ. չըլլայ որ իր եղբայրներուն սիրտն ալ իր սրտին պէս թուլցնէ’։ Երբ ոստիկանները ժողովուրդին առջեւ իրենց խօսքը լմնցնեն, ժողովուրդին վրայ զօրապետներ թող կարգեն։

10 «Երբ քաղաքի մը մօտենաս անոր հետ պատերազմելու համար, անոր խաղաղութիւն առաջարկէ։ 11 Եթէ խաղաղութիւնը ընդունի ու դռները քեզի բանայ, մէջը գտնուած բոլոր ժողովուրդը քեզի հարկատու ըլլան ու քեզի ծառայութիւն ընեն։ 12 Բայց եթէ քեզի հետ խաղաղութիւն ընել չուզէ ու պատերազմ ընէ, այն ատեն զանիկա պաշարէ՛ 13 Ու երբ քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ մատնէ զանիկա, անոր բոլոր արուները սուրի բերնէ անցո՛ւր։ 14 Բայց կիները, տղաքներն ու անասունները եւ ինչ որ կայ այն քաղաքին մէջ, անոր բոլոր աւարը, քեզի համար ա՛ռ եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի մատնած քու թշնամիներուդ աւարը կե՛ր։ 15 Այսպէս ըրէ՛ քեզմէ խիստ հեռու եղող ամէն քաղաքի, որոնք այս ազգերուն քաղաքներէն չեն։ 16 Սակայն քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած ազգերուն քաղաքներուն մէջ՝ բնաւ շունչ ունեցող մը ողջ մի՛ թողուր. 17 Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները բոլորովին կորսնցո՛ւր, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց. 18 Որպէս զի ձեզի չսորվեցնեն իրենց բոլոր գարշելի գործերը, ինչպէս անոնք իրենց աստուածներուն կ’ընեն ու դուք Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ մեղք չգործէք։

19 «Երբ քաղաքի մը հետ պատերազմիս ու զանիկա առնելու համար երկար ժամանակ պաշարելու ըլլաս, անոր ծառերուն տապար մի՛ զարներ ու զանոնք մի՛ կտրեր, վասն զի անոնցմէ պիտի ուտես, ուրեմն զանոնք մի՛ կտրեր. քանզի դաշտին ծառը մա՞րդ է, որ քեզ պաշարէ։ 20 Բայց այն ծառերը, որոնք գիտես թէ ուտուելու պտուղ չեն բերեր, զանոնք աւերէ ու կտրէ եւ քեզի հետ պատերազմող քաղաքին առջեւ անոնցմով պատնէշներ շինէ՛, մինչեւ որ զայն նուաճես»։

ԱՆՅԱՅՏ ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

21 1 «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ դաշտի վրայ ինկած ու մեռցուած մարդ մը գտնուի բայց զանիկա զարնողը չգիտցուի, Այն ատեն քու ծերերդ ու դատաւորներդ թող ելլեն եւ մեռցուած մարդուն եղած տեղէն մինչեւ շրջակայ քաղաքները չափեն Ու մօտակայ քաղաքին ծերերը արջառներէն չգործածուած ու լուծի տակ չմտած երինջ մը առնեն Եւ այն քաղաքին ծերերը երինջը չհերկուած ու չցանուած ապառաժուտ ձոր մը իջեցնեն ու այն ձորին մէջ երինջին վիզը կտրեն։ Ղեւիի որդիները՝ քահանաները՝ մօտենան, վասն զի քու Տէր Աստուածդ զանոնք ընտրեց իրեն ծառայութիւն ընելու ու Տէրոջը անունովը օրհնելու համար եւ ամէն վէճ ու ամէն հակառակութիւն անոնք թող դատեն։ Այն մեռցուածին մօտ եղող քաղաքին բոլոր ծերերը ձորին մէջ վիզը կտրուած երինջին վրայ ձեռքերնին թող լուան Եւ վկայեն՝ ըսելով. «Մեր ձեռքերը չթափեցին այս արիւնը ու մեր աչքերը չտեսան։ Ո՛վ Տէր, քաւէ քու Իսրայէլ ժողովուրդդ, որ դուն փրկեցիր ու անմեղ արիւնը քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ մի՛ սեպեր»։ Այսպէս այն արեանը համար քաւութիւն պիտի ըլլայ անոնց, Իսկ դուն Տէրոջը առջեւ ուղիղ եղածը ընելով՝ անմեղ արեան համար անպարտ պիտի ըլլաս։

ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԳԵՐԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

10 «Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմի ելլես եւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ ու անոնցմէ գերիներ առնես 11 Եւ գերիներուն մէջէն գեղեցիկ տեսքով կին մը տեսնես ու զանիկա սիրելով ուզես հետը ամուսնանալ, 12 Զանիկա քու տունդ տար, անոր գլուխը ածիլէ ու եղունգները կտրէ, 13 Անոր վրայէն գերութեան լաթերը հանէ ու քու տունդ թող նստի, ամբողջ ամիս մը իր հօրն ու մօրը համար թող լայ. անկէ յետոյ անոր մօտեցիր եւ դուն անոր այրը եղիր, ան ալ՝ քու կինդ։ 14 Եթէ անկէ գոհ չըլլաս, զանիկա ազատ արձակէ՛. բայց բնաւ մի՛ ծախեր, ո՛չ ալ իբր ծառայ աշխատցուր, որովհետեւ լլկեցիր զանիկա։

ԱՆԴՐԱՆԻԿԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

15 «Եթէ մարդ մը երկու կին ունենայ ու մէկը սիրելի եւ միւսը ատելի ըլլայ ու սիրելին եւ ատելին ալ անոր զաւակներ ծնանին եւ եթէ անդրանիկ զաւակը ատելի կնոջմէն ծնած է, 16 Իր ստացուածքը որդիներուն բաժնելու օրը իրաւունք չունի սիրելիին զաւակը անդրանիկ նկատել ու ատելիէն ծնած անդրանիկը երեսէ ձգել. 17 Հապա ատելիին զաւակը անդրանիկ նկատելով՝ բոլոր իր ձեռքը գտնուածէն երկու բաժին անոր պէտք է տայ. վասն զի իր զօրութեանը սկիզբը անիկա է։ Անդրանկութեան իրաւունքը անոր կը պատկանի։

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴ ԶԱՒԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

18 «Եթէ մարդ մը ստամբակ ու անհնազանդ տղայ մը ունենայ, որ իր հօրն ու մօրը խօսքին բնաւ մտիկ չ’ըներ ու երբ զանիկա խրատեն անոնց չի հնազանդիր, 19 Այն ատեն անոր հայրն ու մայրը զանիկա բռնելով, քաղաքին ծերերուն ու անոր բնակած տեղին դուռը պէտք է հանեն 20 Եւ քաղաքին ծերերուն ըսեն. ‘Այս մեր տղան ստամբակ ու անհնազանդ է, մեր խօսքին մտիկ չ’ըներ, որկրամոլ ու գինեմոլ է’. 21 Այն ատեն անոր քաղաքին բոլոր մարդիկը քարերով քարկոծեն զանիկա, որպէս զի մեռնի ու չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի եւ բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնան։

ԶԱՆԱԶԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

22 «Երբ մարդ մը մահու արժանի մեղք մը գործէ, զանիկա մեռցնելու համար ծառէ մը կախէ, 23 Անոր մարմինը ծառին վրայ գիշերը պէտք չէ մնայ, հապա նոյն օրը անպատճառ պէտք է թաղուի. վասն զի կախուածը Աստուծոյ անիծածն է, ուստի մի՛ պղծեր այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ ժառանգելու համար»։

22 1 «Երբ տեսնես որ եղբօրդ եզը կամ ոչխարը իր ճամբայէն խոտորեր է, զանոնք անտես մի՛ ըներ. անպատճառ զանոնք քու եղբօրդ դարձուր։ Բայց եթէ քու եղբայրդ քեզի մօտ չէ, կամ զանիկա չես գտներ, այն ատեն քու տունդ տար զայն ու մինչեւ քու եղբայրդ զանիկա փնտռէ, քու քովդ թող մնայ, յետոյ զանիկա անոր դարձուր։ Անոր իշուն ալ, զգեստին ալ, նաեւ եղբօրդ ոեւէ կորսուած բան, որ դուն կը գտնես, նոյնպէս ըրէ։ Չըլլայ որ զանոնք անտես ընես։

«Երբ տեսնես որ եղբօրդ էշը կամ եզը ճամբուն վրայ ինկեր է, անտարբեր մի՛ ըլլար, անպատճառ օգնէ՛ անոր ու վերցո՛ւր։

«Կնոջ մը վրայ այր մարդու հագուստ թող չըլլայ ու այր մարդը կնոջ հագուստ պէտք չէ հագնի. քանզի ով որ ասոնք ընէ, քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ կ’ըլլայ։

«Եթէ ճամբան ծառի մը վրայ կամ գետնին վրայ ձագերով կամ հաւկիթներով թռչունի մը բոյնին հանդիպիս ու մայրը ձագերուն կամ հաւկիթներուն վրայ նստած ըլլայ, մայրը իր ձագերով մէկտեղ մի՛ առներ։ Անպատճառ մայրը արձակէ ու ձագերը առ։ Որպէս զի աղէկ ըլլայ քեզի ու կեանքդ երկայն ըլլայ։

«Նոր տուն շինած ատենդ տանիքիդ չորս կողմը շրջապատ մը շինէ, որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ ու քու տունդ արեան պարտական ըլլայ։

«Այգիիդ մէջ այլեւայլ սերմեր մի՛ ցաներ, որպէս զի ցանած սերմիդ արդիւնքը ու այգիիդ բերքը չպղծուին։ 10 Եզ մը ու էշ մը մէկտեղ երկիր հերկելու մի՛ գործածեր։

11 «Բուրդով ու քթանով գործուած այլայլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր։

12 «Հագած հանդերձիդ չորս ծայրը ծոպեր շինէ։

ՍԵՌԱՅԻՆ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

13 «Եթէ մարդ մը կին առնէ ու անոր մօտենալէն ետքը զանիկա ատէ 14 Եւ անոր վրայ զրպարտութեան խօսքեր դնելով անոր անունը գէշ հանէ ու ըսէ. ‘Ես այս կինը առի, բայց երբ անոր մօտեցայ, անոր վրայ կուսութիւն չգտայ’. 15 Այն ատեն աղջկան հայրն ու մայրը աղջկան կուսութեան նշանը առնեն եւ դուռը հանեն քաղաքին ծերերուն առջեւ։ 16 Աղջկան հայրը ծերերուն պիտի ըսէ. ‘Իմ աղջիկս այս մարդուն կին տուի ու ատելով զանիկա, 17 Ահա անոր վրայ զրպարտութիւն կ’ընէ, ըսելով թէ Ես քու աղջկանդ վրայ կուսութիւն չգտայ. բայց ահա իմ աղջկանս կուսութեան նշանը’։ Եւ լաթը քաղաքին ծերերուն առջեւ պիտի փռէ։ 18 Ետքը այն քաղաքին ծերերը այն ամուսինը առնեն ու զանիկա պատժեն 19 Եւ Իսրայելացի կոյս աղջկան անունը անպատուելուն համար անկէ հարիւր սիկղ արծաթ տուգանք առնեն ու աղջկան հօրը տան, բայց աղջիկը դարձեալ մարդուն կինը պիտի ըլլայ իր բոլոր կեանքին մէջ։ Մարդը իրաւունք չունի զանիկա արձակելու։ 20 Բայց եթէ ստոյգ ըլլայ ըսուածը ու աղջկան վրայ կուսութիւն չէ գտնուեր, 21 Այն ատեն աղջիկը հանեն իր հօրը տանը դրան առջեւ ու քաղաքին մարդիկը պէտք է քարկոծեն զանիկա, որպէս զի մեռնի. որովհետեւ Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ընելով իր հօրը տունը պոռնկութիւն ըրեր է։ Այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն պէտք է վերցուի։

22 «Եթէ մէկը այր ունեցող կնոջ մը հետ պառկած գտնուի, այն ատեն երկուքն ալ պիտի մեռցուին, թէ՛ այն կնոջ հետ պառկող մարդը եւ թէ՛ այն կինը ու Իսրայէլէն չարութիւնը վերցուի։

23 «Եթէ կոյս աղջիկ մը մարդու մը նշանուած ըլլայ ու ուրիշ մարդ մը քաղաքին մէջ գտնելով զանիկա՝ անոր հետ պառկի, 24 Երկուքն ալ այն քաղաքին դուռը պէտք է հանէք ու զանոնք քարկոծէք, որպէս զի մեռնին։ Աղջիկը՝ քանզի քաղաքին մէջ գտնուելով չկանչուըռտեց եւ մարդը՝ քանզի ուրիշին նշանածը լլկեց։ Այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի։

25 «Բայց եթէ մարդ մը նշանուած աղջիկ մը դաշտի մէջ գտնէ ու զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի, այն ատեն անոր հետ պառկող մարդը միայն մեռցուի։ 26 Աղջկան բան մը մի՛ ըներ. աղջիկը մահու արժանի յանցանք մը չունի. վասն զի ինչպէս մէկը իր դրացիին վրայ կը յարձակի ու զանիկա կը մեռցնէ, այս դիպուածն ալ այնպէս է։ 27 Քանզի դաշտ էր ու թէեւ նշանուած աղջիկը կանչվռտեց, բայց զինք ազատող մը չեղաւ։

28 «Եթէ մարդ մը չնշանուած կոյս աղջիկ մը գտնէ եւ զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի ու բանը իմացուի, 29 Այն ատեն անոր հետ պառկող մարդը աղջկան հօրը յիսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ ու աղջիկը իբր կին պիտի առնէ, քանի որ լլկեց զանիկա։ Իր բոլոր կեանքին մէջ զանիկա արձակելու իրաւունք պիտի չունենայ։

30 «Չըլլայ թէ մարդ մը իր խորթ մայրը առնէ ու իր հօրը քղանցքը բանայ»։

ՏԷՐՈՋԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ԱՐՏԱՔՍՈՒՄ

23 1 «Ամորձիքը ճզմուած կամ կտրուած մարդը Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ։ Պոռնկորդին ալ Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ, նոյնպէս անոր զաւակը՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը։

«Ամմոնացին ու Մովաբացին Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնեն յաւիտեանս անոնց զաւակն ալ՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը, Քանզի երբ դուք Եգիպտոսէն ելաք, ճամբուն մէջ հացով ու ջրով ձեզ չդիմաւորեցին ու Միջագետքի Փաթուր քաղաքէն Բէովրի որդին Բաղաամը վարձքով բերել տուին, որպէս զի քեզ անիծէ. Բայց քու Տէր Աստուածդ չուզեց Բաղաամին մտիկ ընել, հապա քու Տէր Աստուածդ անէծքը քեզի օրհնութեան դարձուց, որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ քեզ սիրեց։ Քու բոլոր կեանքիդ մէջ անոնց խաղաղութիւնն ու աղէկութիւնը մի՛ կամենար յաւիտեան։

«Չըլլայ որ Եդովմայեցին ատես, քանզի անիկա քու եղբայրդ է։ Եգիպտացին ալ չատես, քանզի անոր երկրին մէջ պանդուխտ էիր. Ասոնց ծնած զաւակներուն միայն երրորդ ազգը Տէրոջը ժողովարանը թող մտնեն։

ԲԱՆԱԿԱՏԵՂԻՆ ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀԵԼ

«Երբ թշնամիներուդ դէմ բանակով երթաս, ամէն չար բանէ զգուշացի՛ր։ 10 Եթէ ձեր մէջ մարդ մը երազափորձութեան պատճառաւ մաքուր չէ, թող բանակէն դուրս ելլէ ու բանակին մէջ չմտնէ 11 Եւ իրիկունը ջրով լուացուի ու արեւը մարը մտածին պէս բանակին մէջ մտնէ։ 12 Բանակէն դուրս տեղ մը ունեցիր, որպէս զի հոն դուրս ելլես։ 13 Զէնքերուդ մէջ ցից մը ունեցիր, որպէս զի երբ դուրսը նստելու ըլլաս, անով փորես ու դուրս տրուածը ծածկես։ 14 Քանզի քու Տէր Աստուածդ, քեզ ազատելու համար ու քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնելու համար, քու բանակիդ մէջ կը քալէ. ուստի քու բանակդ մաքուր ըլլալու է, որպէս զի անիկա քու վրադ աղտեղութիւն մը տեսնելով քեզմէ չհեռանայ։

ԶԱՆԱԶԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

15 «Եթէ ծառայ մը իր տիրոջմէն փախչելով քու քովդ ապաստանի, իր տիրոջը ձեռքը մի՛ մատներ։ 16 Թող քեզի հետ բնակի իր հաւնած տեղը քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, ուր ինք կ’ուզէ եւ զանիկա մի՛ նեղեր։

17 «Իսրայէլի աղջիկներէն բոզ չըլլայ ու Իսրայէլի տղոցմէն իգացեալ չըլլայ։ 18 Ոեւէ ուխտի համար բոզի վարձքը կամ շունի գինը քու Տէր Աստուծոյդ տունը մի՛ տանիր. քանզի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկուքն ալ պիղծ են։

19 «Ստակը կամ ուտելիքը եւ կամ ոեւէ բան որ շահով կրնայ տրուիլ, քու եղբօրդ շահով մի՛ տար։ 20 Օտարականէն շահ առ՛, բայց քու եղբօրմէդ շահ մի՛ առներ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քու ամէն ձեռք զարկած գործերուդ մէջ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։

21 «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ ուխտ մը ընես, առանց ուշացնելու կատարէ, քանզի քու Տէր Աստուածդ անպատճառ զանիկա քեզմէ պիտի պահանջէ ու մեղքի տէր պիտի ըլլաս. 22 Բայց եթէ ուխտ ընել չուզես, այն քեզի մեղք չ’ըլլար։ 23 Ինչ որ բերնովդ կը խոստանաս ու քու կամքովդ քու Տէր Աստուծոյդ կ’ուխտես, քու շրթունքներէդ ելածը զգուշութեամբ կատարէ՛։

24 «Երբ քու դրացիիդ այգին մտնես, ուզածիդ չափ խաղող կե՛ր ու կշտացի՛ր, բայց ամանիդ մէջ մի՛ դներ։ 25 Երբ քու դրացիիդ հունձքին մէջ մտնես, ձեռքովդ հասկերը փրցուր, բայց դրացիիդ հունձքին մանգաղ մի՛ զարներ»։

ԱՊԱՀԱՐԶԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

24 1 «Եթէ մէկը կին մը առնէ ու ամուսնանայ եւ անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար անիկա իր աչքին հաճոյ չըլլայ, այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ ու անոր ձեռքը տայ եւ իր տունէն ճամբէ։ Երբ կինը անոր տունէն ելլելով երթայ ուրիշի մը հետ ամուսնանայ, Եթէ երկրորդ այրն ալ զանիկա ատելով արձակման թուղթ մը գրէ ու անոր ձեռքը տալով՝ իր տունէն ճամբէ, կամ եթէ երկրորդ ամուսինը մեռնի, Առաջին ամուսինը, որ զանիկա ճամբեր էր, պէտք չէ դարձեալ անոր հետ ամուսնանայ, անոր պղծուելէն ետքը. քանզի Տէրոջը առջեւ պղծութիւն է այս բանը։ Այսպէս դուն մեղքով մի՛ լեցներ այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ։

ԶԱՆԱԶԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

«Նոր ամուսնացած մարդը պատերազմի պէտք չէ երթայ ու անոր ոեւէ պաշտօն պէտք չէ տրուի. տարի մը իր տանը մէջ ազատ թող նստի ու իր կինը ուրախացնէ։

«Չըլլայ որ մարդ մը աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնէ. քանզի իր ընկերին կեանքը գրաւ առած կ’ըլլայ։

«Եթէ մարդ մը գտնուի, որ իր եղբայրներէն, այսինքն Իսրայէլի որդիներէն, մէկը գողնալով զանիկա ծառայ դարձնէ կամ ծախէ, այդ մարդը իբր գող թող մեռնի ու ձեր մէջէն չարութիւնը վերցուի։

«Բորոտութեան ախտին համար զգուշութիւն ըրէ՛ք, Ղեւտացի քահանաներուն բոլոր ձեզի սորվեցուցած բաները ճշդիւ պահեցէ՛ք եւ ըրէ՛ք. ինչ որ անոնց պատուիրեր եմ զգուշութեամբ գործադրեցէ՛ք։ Միտքդ բեր ինչ որ քու Տէր Աստուածդ Մարիամին ըրաւ ճամբուն մէջ՝ Եգիպտոսէն ելած ատեննիդ։

10 «Երբ քու դրացիիդ բան մը փոխ տաս, գրաւն առնելու համար անոր տունը մի՛ մտներ. 11 Դուրսը կայնէ ու փոխ առնող մարդը գրաւը թող դուրս բերէ։ 12 Եթէ այն մարդը աղքատ է, անոր գրաւովը մի՛ պառկիր. 13 Արեւը մտածին պէս անպատճառ անոր գրաւը ետ դարձո՛ւր, որպէս զի անիկա իր հանդերձովը պառկի ու քեզ օրհնէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ այս բանը քեզի արդարութիւն պիտի սեպուի։

14 «Աղքատ ու կարօտ վարձկանին զրկանք մի՛ ըներ, ան քու եղբայրներէդ եւ կամ քու երկրիդ օտարականներէն ալ ըլլայ։ 15 Նոյն օրը արեւը չմտած անոր վարձքը հատուցանէ, քանզի անիկա աղքատ է ու անոր խելքը միտքը անոր վրայ է։ Չըլլայ թէ քեզի համար Տէրոջը բողոքէ ու մեղքի տէր ըլլաս։

16 «Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք։ Ամէն մարդ իր յանցանքին համար պէտք է մեռցուի։

17 «Օտարականին ու որբին իրաւունքը մի՛ ծռեր ու որբեւայրիին հանդերձը գրաւ մի՛ առներ։ 18 Միտքդ բեր թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ ազատեց։ Անոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ։

19 «Երբ քու արտդ հնձես ու արտին մէջ որայ մը մոռցած ըլլաս, զանիկա առնելու համար ետ մի՛ դառնար, անիկա օտարականին, որբին ու որբեւայրիին թող մնայ. որպէս զի քու Աստուածդ քու ձեռքերուդ ամէն գործի մէջ քեզ օրհնէ։ 20 Ձիթենիդ թօթուելէդ ետքը վրան մնացածները ոստէ ոստ մի՛ փնտռեր. անիկա օտարականին, որբին ու որբեւայրիին թող մնայ։ 21 Այգիիդ խաղողները քաղելէդ ետքը ճռաքաղ մի՛ ըներ, անիկա օտարականին, որբին ու որբեւայրիին թող ըլլայ։ 22 Միտքդ բեր թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր։ Ատոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ»։

25 1 «Երբ մարդոց մէջ վէճ մը ըլլայ եւ դատարան երթան, դատաւորները անոնց դատը մտիկ ընելով իրաւունք ունեցողը պէտք է արդարացնեն ու յանցաւորը դատապարտեն։ Յանցաւորը եթէ ծեծի արժանի է, դատաւորը զանիկա պառկեցնէ ու անոր յանցանքին համեմատ իր առջեւ ծեծել տայ զանիկա, որոշուած թիւով հարուած տալով։ Քառասունէ աւելի զարնել մի՛ տար. չըլլայ թէ ասկէ աւելի զարնելով՝ եղբայրդ քու աչքիդ առջեւ անարգուի։

«Կալի մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր։

ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԵՌԱԾ ԵՂԲՕՐ ՄԸ ՀԱՆԴԷՊ

«Երբ եղբայրներ մէկտեղ բնակին ու անոնցմէ մէկը առանց զաւակի մեռնի, մեռնողին կինը դուրսը օտար մարդու հետ թող չկարգուի, այլ տագրը անոր հետ թող ամուսնանայ ու տագրութեան պարտաւորութիւնը անոր հատուցանէ։ Անոր ծնած անդրանիկ տղան թող մեռնող եղբօրը անունովը կոչուի, որ անոր անունը Իսրայէլէն չջնջուի։ Եթէ այն մարդը իր հարսը առնել չուզէ այն ատեն հարսը թող դիմէ ծերերուն ու ըսէ. «Իմ տագրս Իսրայէլի մէջ իր եղբօրը անունը հաստատելէն կը հրաժարի. տագրութեան պարտաւորութիւնը ինծի հատուցանել չուզեր»։ Այն ատեն անոր քաղաքին ծերերը զանիկա թող կանչեն ու անոր խօսին եւ եթէ անիկա հաստատ կենալով ըսէ՝ ‘Ասիկա չեմ ուզեր առնել’, Այն ատեն հարսը անոր թող մօտենայ ծերերուն առջեւ եւ անոր ոտքէն կօշիկը հանէ ու անոր երեսը թքնէ եւ ըսէ. ‘Իր եղբօրը տունը շինել չուզող մարդուն այսպէս պէտք է ըլլայ’։ 10 Անոր անունը՝ Իսրայէլի մէջ՝ ‘Կօշիկը հանուած մարդուն տունը’ թող կոչուի։

ՈՒՐԻՇ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

11 «Երբ երկու մարդիկ իրարու հետ ծեծկուին եւ մէկուն կինը՝ զարնողին ձեռքէն իր այրը ազատելու համար մօտենայ ու ձեռքը երկնցնելով անոր ամօթոյքը բռնէ, 12 Այն ատեն անոր ձեռքը կտրէ եւ քու աչքդ բնաւ անոր չխնայէ։

13 «Մախաղիդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ կշիռքի քարեր մի՛ պահեր։ 14 Տանդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ արդուներ մի՛ պահեր։ 15 Քու կշիռքիդ քարը լման ու ճշգրիտ ըլլայ, քու արդուդ լման ու ճշգրիտ ըլլայ, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ։ 16 Քանզի այս բաները ընողը, կամ ոեւէ անիրաւութիւն ընողը քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ է։

ԱՄԱՂԵԿԱՑԻՆԵՐԸ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ՀՐԱՀԱՆԳ

17 «Եգիպտոսէն ելած ատենդ ճամբան Ամաղէկին քեզի ըրածը միտքդ բեր. 18 Ճամբուն մէջ ի՛նչպէս քեզ դիմաւորեց եւ քու ետեւէդ եկող բոլոր տկարները կոտորեց, երբ դուն նուաղեալ ու յոգնած էիր ու Աստուծմէ չվախցաւ։ 19 Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր շրջակայ թշնամիներէդ քեզ հանգստացնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ, որպէս զի անոր տիրես, այն ատեն Ամաղէկի յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին վերցո՛ւր։ Չըլլայ որ մոռնաս»։

ՀՈՒՆՁՔԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ

26 1 Երբ մտնես այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ եւ զանիկա ժառանգես ու հոն բնակիս, Այն ատեն երկրին բոլոր պտուղներուն երախայրիներէն ա՛ռ, որոնք քու Տէր Աստուածդ քեզի տուած երկրէն հաւաքեր ես ու կողովի մը մէջ դնելով տար այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար։ Եւ այն օրուան քահանային գնա՛ ու ըսէ՛. ‘Ես այսօր քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կը յայտարարեմ, թէ ես մտայ այն երկիրը, որուն համար Տէրը մեր հայրերուն երդում ըրեր էր մեզի տալու’։ Յետոյ քահանան կողովը քու ձեռքէդ առնելով՝ զանիկա քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին առջեւ թող դնէ։ Դուն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պատասխան տալով պիտի ըսես. ‘Իմ հայրս թափառական Ասորի մըն էր, Եգիպտոս իջաւ, քանի մը հոգիով հոն հաստատուեցաւ, յետոյ մեծ, զօրաւոր ու շատուոր ազգ մը եղաւ։ Եգիպտացիները մեզ չարչարեցին, մեզ նեղեցին եւ իբր գերի աշխատցուցին։ Մենք՝ մեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն աղաղակեցինք։ Տէրը մեր ձայնը լսելով մեր նեղութիւնը, աշխատութիւնը ու մեզի եղած զրկանքը տեսաւ Եւ Տէրը զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով, մեծ սարսափներով, նշաններով ու հրաշքներով մեզ Եգիպտոսէն հանեց Եւ այս տեղը բերաւ ու մեզի այս երկիրը՝ կաթ ու մեղր բղխող երկիրը՝ տուաւ։ 10 Արդ, ո՛վ Տէր, ինծի տուած երկրիդ պտուղներուն երախայրիները քեզի բերի’։ Զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ դնելով՝ Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկրպագութիւն ըրէ՛ 11 Եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ու քու տանդ տուած բոլոր բարիքներովը ուրախացէ՛ք դուն ալ, Ղեւտացին ալ եւ ձեր մէջ եղող օտարականն ալ։

12 «Երրորդ տարին տասանորդի տարի ըլլալով, երբ դուն քու արդիւնքներուդ բոլոր տասանորդները զատես լմնցնես, զանոնք Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւայրիին տո՛ւր, որպէս զի անոնք ալ քու քաղաքներուդ մէջ ուտեն ու կշտանան։ 13 Այն ատեն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ըսէ՛. ‘Սուրբ եղած բանը բոլորովին տունէս հանեցի ու քու բոլոր հրամայած պատուիրանքներուդ համեմատ զանիկա Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւայրիին տուի։ Քու պատուիրանքներդ զանց չըրի ու զանոնք չմոռցայ։ 14 Սուգի օրերուն մէջ անկէ չկերայ ու անմաքուր բանի մը չգործածեցի եւ անկէ մեռելի համար չտուի. իմ Տէր Աստուծոյս խօսքին մտիկ ըրի. ինծի ինչ որ պատուիրեցիր, անոր համեմատ ըրի։ 15 Նայէ՛ երկնքէն՝ քու սուրբ բնակարանէդ եւ օրհնէ քու Իսրայէլ ժողովուրդդ ու այն երկիրը, որ տուիր մեզի, ինչպէս մեր հայրերուն երդում ըրած էիր, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի’։

ՏԷՐՈՋԸ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

16 «Այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի կը պատուիրէ որ այս կանոններն ու օրէնքները գործադրես, ուստի բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ պահէ՛ ու կատարէ զանոնք։ 17 Դուն այսօր Տէրոջը խօսք կու տաս, որպէս զի անիկա քեզի Աստուած ըլլայ, դուն անոր ճամբաներուն մէջ քալես եւ անոր կանոնները, պատուիրանքներն ու օրէնքները պահես, խօսքին մտիկ ընես. 18 Տէրն ալ այսօր քեզի խօսք կու տայ, որ դուն իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս, ինչպէս քեզի խոստացած էր։ Եթէ անոր բոլոր պատուէրները պահես, 19 Ան ալ իր բոլոր ստեղծած ազգերէն գերազանց պիտի ընէ քեզ գովութիւնով, համբաւով ու փառքով, որպէս զի սուրբ ժողովուրդ մը ըլլաս քու Տէր Աստուծոյդ՝ իր ըսածին պէս»։

ՔԱՐԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԳՐՈՒԱԾ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ

27 1 Մովսէս՝ Իսրայէլի ծերերուն հետ՝ ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Պահեցէ՛ք այն բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը յայտնեմ։ Յորդանանէն քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը անցած օրդ՝ քեզի մեծ քարեր կանգնեցո՛ւր ու զանոնք կիրով ծեփէ՛։ Այս օրէնքին բոլոր խօսքերը անոնց վրայ գրէ՛, երբ անցնիս ու մտնես այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ։ Ուստի երբ Յորդանանէն անցնիս, այս օրուան քեզի պատուիրածիս պէս՝ այս քարերը Գեբաղ լերան վրայ կանգնեցո՛ւր ու զանոնք կիրով ծեփէ՛։ Հոն քու Տէր Աստուծոյդ սեղան մը շինէ՛, քարերէ շինուած սեղան մը. անոնց վրայ երկաթ մի՛ դպցներ։ Այլ քու Տէր Աստուծոյդ սեղանը ամբողջ քարերէ շինէ՛, որպէս զի անոր վրայ քու Տէր Աստուծոյդ զոհեր մատուցանես։ Խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով, հոն կե՛ր ու քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուրախացիր։ Այս օրէնքին բոլոր խօսքերը քարերուն վրայ խիստ պարզ կերպով մը գրէ՛»։

Մովսէս Ղեւտացի քահանաներուն հետ բոլոր Իսրայէլին խօսելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլ, լուռ կեցիր ու մտիկ ըրէ՛. Դուն այսօր քու Տէր Աստուծոյդ ժողովուրդը եղար. 10 Ուստի քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին մտիկ ընելով գործադրէ՛ անոր պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ»

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱՆԷԾՔՆԵՐ

11 Նոյն օրը Մովսէս ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. 12 «Երբ Յորդանանէն անցնիք, ժողովուրդը օրհնելու համար Գարիզին լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին՝ Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար, Յովսէփ ու Բենիամին։ 13 Իսկ անէծքի համար Գեբաղ լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին՝ Ռուբէն, Գադ, Ասեր, Զաբուղոն, Դան ու Նեփթաղիմ»։

14 Եւ Ղեւտացիները Իսրայէլի բոլոր մարդոցը հետ խօսելով՝ բարձր ձայնով թող ըսեն. 15 «Անիծեալ ըլլայ ա՛յն մարդը՝ որ արուեստաւորի ձեռագործ ու Տէրոջը առջեւ պիղծ սեպուող փորուած կամ ձուլածոյ կուռք կը շինէ ու գաղտուկ տեղ մը կը դնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով՝ «Ամէն» թող ըսէ։ 16 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը կամ մօրը դէմ հայհոյութիւն կ’ընէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 17 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր դրացիին սահմանը կը փոխէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 18 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ կոյրը իր ճամբայէն կը խոտորեցնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 19 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ պանդուխտին, որբին ու որբեւայրիին իրաւունքը կը ծռէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 20 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր խորթ մօրը հետ կը պառկի. քանզի իր հօրը քղանցքը կը բանայ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 21 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ ոեւէ անասունի հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 22 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը եղող իր քրոջ հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 23 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր զոքանչին հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 24 «Անիծեալ ըլլայ ան, որ իր դրացին գաղտուկ կը մեռցնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 25 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ անմեղ մարդ մը մեռցնելու համար կաշառք կ’առնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ 26 «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ այս օրէնքին բոլոր խօսքերուն մէջ չի կենար, որ զանոնք կատարէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։

ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

(Ղեւ. 26։3-13, Բ. Օր. 7։12-24)

28 1 «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքը ուշադրութեամբ մտիկ ընելով՝ զգուշութեամբ գործադրես անոր բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քու Տէր Աստուածդ երկրի բոլոր ազգերէն աւելի պիտի բարձրացնէ քեզ։ Եւ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս, այս բոլոր օրհնութիւնները քու վրադ պիտի հասնին։ Քաղաքի մէջ օրհնեալ ու դաշտի մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը օրհնեալ պիտի ըլլան։ Քու կողովդ ու տաշտդ օրհնեալ պիտի ըլլան։ Մտած ատենդ օրհնեալ ու ելած ատենդ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Տէրը քու առջեւէդ ջարդել պիտի տայ քու բոլոր թշնամիներդ։ Անոնք քեզի դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլեն եւ քու առջեւէդ եօթը ճամբով պիտի փախչին։ Տէրը քու շտեմարաններուդ ու բոլոր ձեռքի գործերուդ մէջ օրհնութիւն պիտի ղրկէ քեզի եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ քեզ պիտի օրհնէ։ Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ հրամանները պահելով՝ անոր ճամբաներուն մէջ քալես, Տէրը քեզ իրեն իբր սուրբ ժողովուրդ պիտի հաստատէ, ինչպէս երդում ըրաւ։ 10 Երկրի բոլոր ժողովուրդները պիտի տեսնեն թէ Տէրոջը անունով կը կոչուիս ու քեզմէ պիտի վախնան։ 11 Տէրը բարիքներով քեզ պիտի լեցնէ, քու որովայնիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը ու քու երկրիդ պտուղը շատցնելով այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու։ 12 Տէրը իր բարութեան գանձը, այսինքն երկինքը, քեզի պիտի բանայ, որպէս զի քու երկրիդ անձրեւը ժամանակին տայ ու քու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ պիտի չառնես։ 13 Տէրը ժողովուրդներու գլուխ պիտի ընէ քեզ եւ ո՛չ թէ՝ պոչ։ Դուն միշտ պիտի բարձրանաս ու բնաւ վար պիտի չիջնես, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները մտիկ ընելով պահես ու կատարես, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։ 14 Օտար աստուածներու ետեւէն երթալու համար ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար՝ աջ կողմը կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր այն բոլոր խօսքերէն, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

(Ղեւ. 26։14-46)

15 «Բայց եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին չհնազանդիս ու չպահես ու չընես անոր բոլոր պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, այն ատեն հետեւեալ անէծքները քու վրադ պիտի հասնին։ 16 Քաղաքի մէջ անիծեալ ու դաշտի մէջ անիծեալ պիտի ըլլաս։ 17 Քու կողովդ ու տաշտդ անիծեալ պիտի ըլլան։ 18 Քու որովայնիդ պտուղը, երկրիդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը անիծեալ պիտի ըլլան։ 19 Քու մտած ատենդ անիծեալ ու քու ելած ատենդ անիծեալ պիտի ըլլաս։ 20 Տէրը քու բոլոր գործերուդ մէջ անէծք, տառապանք ու յանդիմանութիւն պիտի ղրկէ քեզի՝ քու չար գործերուդ ու զիս ձգելուդ համար, մինչեւ որ շուտով բնաջինջ ըլլաս ու կորսուիս։ 21 Տէրը քեզի ժանտախտ պիտի ղրկէ, մինչեւ որ քեզ հատցնէ այն երկրին վրայէն, ուր դուն պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։ 22 Տէրը քեզ պիտի զարնէ ծիւրական ախտով, հրատագնապ տենդով, ջերմով ու այրող տաքութիւնով, երաշտութեամբ, խորշակահարութեամբ ու արմտեաց դալուկով եւ ասոնք պիտի հալածեն քեզ, մինչեւ որ կորսուիս։ 23 Գլխուդ վրայի երկինքը պղնձէ ու տակդ եղած երկիրը երկաթէ պիտի ըլլայ։ 24 Տէրը անձրեւի տեղ հող ու փոշի պիտի տայ քու երկրիդ ու անոնք երկնքէն քու վրադ պիտի իջնեն, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս։ 25 Տէրը քու թշնամիներուդ առջեւ քեզ ջարդել պիտի տայ. անոնց դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլես եւ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ թափառական պիտի ըլլաս։ 26 Քու մարմինդ երկնքի բոլոր թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլայ եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։ 27 Տէրը Եգիպտոսի պալարներով, թանչով, քոսոտութեամբ ու եռքով պիտի զարնէ քեզ, այնքան սաստիկ որ չկարենաս բժշկուիլ։ 28 Տէրը ապշութիւնով, կուրութիւնով ու սրտադողով պիտի զարնէ քեզ։ 29 Ինչպէս կոյրը խաւարի մէջ ձեռքով կը խարխափէ, դուն ալ կէս օրուան ատեն այնպէս պիտի խարխափես ու գործերուդ մէջ բարեբաղդութիւն պիտի չունենաս։ Միշտ զրկանք ու յափշտակութիւն պիտի կրես, բայց քեզ ազատող պիտի չըլլայ։ 30 Դուն կնոջ մը պիտի նշանուիս բայց անոր հետ ուրիշը պիտի պառկի։ Տուն պիտի շինես բայց անոր մէջ դուն պիտի չբնակիս։ Այգի պիտի տնկես բայց անոր խաղողը պիտի չհաւաքես. 31 Քու եզդ քու աչքիդ առջեւ պիտի մորթուի բայց դուն անկէ պիտի չուտես։ Քու էշդ քու առջեւէդ պիտի յափշտակուի բայց քեզի ետ պիտի չտրուի։ Հօտերդ քու թշնամիներուդ պիտի մատնուին բայց զանոնք ազատող պիտի չըլլայ։ 32 Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ ուրիշ ժողովուրդի պիտի տրուին եւ աչքերդ պիտի տեսնեն ու բոլոր օրը անոնց համար ունեցած կարօտովդ պիտի նուաղիս բայց ձեռքդ պիտի չկրնայ օգնել։ 33 Քու երկրիդ արդիւնքը ու քու բոլոր աշխատութիւնդ քեզի անծանօթ ժողովուրդ մը պիտի ուտէ եւ դուն ամէն օր միայն զրկանք ու ճնշում պիտի կրես։ 34 Աչքերուդ տեսած բաներէն պիտի խենթենաս։ 35 Տէրը քու ծունկերդ ու սրունքներդ ու ոտքիդ թաթէն մինչեւ գլխուդ գագաթը գէշ պալարներով պիտի զարնէ ու պիտի չկրնաս բժշկուիլ։ 36 Տէրը պիտի տանի քեզ եւ քու վրադ դրած թագաւորդ այնպիսի ազգի մը, որ ո՛չ դուն ճանչցած ես, ո՛չ ալ քու հայրերդ։ Հոն օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, ծառայութիւն պիտի ընես։ 37 Դուն զարմանքի ու առակի եւ կատակի առարկայ պիտի ըլլաս այն բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, ուր Տէրը քեզ պիտի տանի։ 38 Արտիդ մէջ շատ սերմ պիտի ցանես բայց քիչ արդիւնք պիտի հաւաքես. քանզի մարախները պիտի ուտեն զանիկա։ 39 Այգիներ պիտի տնկես ու խնամես բայց գինին պիտի չխմես ու խաղողը պիտի չհաւաքես. քանզի զանիկա որդերը պիտի ուտեն։ 40 Քու սահմաններուդ մէջ ձիթենիներ պիտի տնկես բայց իւղով պիտի չօծուիս. քանզի ձիթենիներդ իրենց պտուղը պիտի թափեն։ 41 Տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ծնանիս բայց քուկդ պիտի չըլլան. քանզի անոնք գերութեան պիտի տարուին։ 42 Բոլոր ծառերդ ու երկրիդ պտուղները խառնիճը պիտի ուտէ։ 43 Ձեր մէջ եղող օտարականը քեզմէ գերազանց պիտի ըլլայ եւ շատ պիտի բարձրանայ բայց դուն շատ վար պիտի իջնես։ 44 Անիկա քեզի փոխ պիտի տայ, բայց դուն անոր փոխ պիտի չտաս. անիկա գլուխ պիտի ըլլայ բայց դուն պոչ պիտի ըլլաս։ 45 Այս բոլոր անէծքները քու վրադ պիտի գան, քեզ պիտի հալածեն ու քեզի պիտի հասնին, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս. որովհետեւ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չըրիր եւ քեզի հրամայած պատուիրանքներն ու կանոնները չպահեցիր։ 46 Եւ անոնք քու ու քու սերունդիդ վրայ նշան ու հրաշք պիտի ըլլան յաւիտեան։

47 Քանի որ դուն ամէն բանի առատութեանը համար՝ ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով քու Տէր Աստուծոյդ ծառայութիւն չըրիր, 48 Անոր համար դուն անօթութիւնով, ծարաւով, մերկութիւնով ու ամէն բանի կարօտութիւնով ծառայութիւն պիտի ընես քու թշնամիներուդ, որոնք Տէրը քու վրադ պիտի ղրկէ։ Քու պարանոցիդ վրայ երկաթ լուծ պիտի դնէ, մինչեւ որ բնաջինջ ընէ քեզ։ 49 Տէրը քու վրադ հեռուէն, երկրի ծայրէն, արծիւի թռչելուն պէս ազգ մը պիտի բերէ, այնպիսի ազգ մը, որուն լեզուն դուն չես հասկնար, 50 Պնդերես ազգ մը, որ ծերերուն պատիւ պիտի չընէ ու տղայոց վրայ գութ պիտի չունենայ։ 51 Անիկա քու անասուններուդ պտուղն ու երկրիդ պտուղը պիտի ուտէ, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս ու քեզի ցորեն, գինի, իւղ, կովերուդ ծնունդներն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի չթողու, մինչեւ որ քեզ բնաջինջ ընէ։ 52 Անիկա քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ քեզ պիտի պաշարէ, մինչեւ որ կործանին քու բարձր ու ամուր պարիսպներդ, որոնց դուն ապաւիներ ես քու բոլոր երկրիդ մէջ։ Քեզ պիտի պաշարէ քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ ու քու բոլոր երկրիդ մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի տուաւ։ 53 Պաշարման ատեն եւ քու թշնամիիդ քեզ նեղը ձգած ատենը՝ քու որովայնիդ պտուղը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քու տղաքներուդ եւ աղջիկներուդ միսը պիտի ուտես։ 54 Ձեր մէջ քնքուշ ու խիստ փափուկ մարդը իր եղբօր ու իր ծոցի կնոջ եւ իր ողջ թողուցած որդիներուն ծուռ աչքով պիտի նայի, 55 Որպէս զի իր ուտելու որդիներուն միսէն անոնց մէկո՛ւն չտայ. քանզի պաշարման ատեն ու քու թշնամիիդ բոլոր քաղաքներուն մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ուրիշ բան մը պիտի չմնայ անոր։ 56 Ձեր մէջ խիստ քնքուշ ու փափուկ եղող կինը, որ իր փափկութենէն ու քնքուշ ըլլալէն ետքը գետնի վրայ կոխելու սորված չէր, իր ծոցի էրկան, իր տղուն, իր աղջկան 57 Եւ իր ոտքերուն մէջտեղէն ելլող տղու ընկերին ու իր ծնած զաւակներուն ծուռ աչքով պիտի նայի. քանզի պաշարման ատեն ու քու թշնամիիդ քու քաղաքներուդ մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ամէն բանի պակսելուն համար զանոնք ծածկաբար պիտի ուտէ։

58 «Եթէ դուն այս գրքին մէջ գրուած օրէնքին բոլոր խօսքերը զգուշութեամբ չկատարես եւ քու Եհովա Աստուծմէդ եւ անոր պատուական ու ահաւոր անունէն չվախնաս, 59 Տէրն ալ անսովոր հարուածներով, մեծ ու երկարատեւ հարուածներով, գէշ ու երկայն հիւանդութիւններով պիտի զարնէ քեզ եւ քու սերունդդ։ 60 Եգիպտոսի բոլոր հիւանդութիւնները, որոնցմէ դուն կը վախնաս, քու վրադ պիտի բերէ ու անոնք քեզի պիտի փակչին։ 61 Նաեւ օրէնքներու գրքին մէջ չգրուած ամէն հիւանդութիւն ու ամէն հարուած Տէրը քու վրադ պիտի բերէ, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս։ 62 Քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար, դուք որ շատութեան կողմանէ երկնքի աստղերուն պէս էիք, խիստ սակաւաթիւ պիտի մնաք։ 63 Ինչպէս Տէրը ձեզի աղէկութիւն ընելով ու ձեզ շատցնելով ուրախացաւ, նոյնպէս ձեզ կորսնցնելով ու բնաջինջ ընելով ալ պիտի ուրախանայ եւ պիտի ջնջուիք այն երկրին վրայէն, ուր հիմա կ’երթաք զանիկա ժառանգելու։ 64 Տէրը երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ պիտի ցրուէ քեզ ու հոն ծառայութիւն պիտի ընես օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, որոնք ո՛չ դուն ճանչցեր էիր, ո՛չ ալ քու հայրերդ։ 65 Այն ազգերուն մէջ հանգստութիւն պիտի չգտնես ու ոտքիդ թաթին հանգչելու տեղ պիտի չըլլայ։ Հոն Տէրը քեզի դողացող սիրտ, աչքի նուաղում ու հոգիի տրտմութիւն պիտի տայ։ 66 Քու կեանքդ քու առջեւդ պիտի կախուի ու գիշեր ցորեկ պիտի վախնաս եւ քու կեանքդ ապահով պիտի չըլլայ 67 Ու սրտիդ ահուդողէն եւ աչքերուդ տեսած բաներէն, առաւօտուն պիտի ըսես. ‘Երանի՜ թէ իրիկուն ըլլար’ ու իրիկունն ալ պիտի ըսես. ‘Երանի՜ թէ առտու ըլլար’։ 68 Եւ Տէրը նաւերով Եգիպտոս պիտի դարձնէ քեզ այն ճամբով, որուն համար քեզի ըսի թէ զանիկա անգամ մըն ալ պիտի չտեսնես եւ հոն ծառաներ ու աղախիններ ըլլալու պիտի ծախուիք ձեր թշնամիներուն բայց ծախու առնող պիտի չըլլայ»։

ՏԷՐՈՋԸ ՈՒԽՏԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՀԵՏ

29 1 Ասոնք են այն ուխտին խօսքերը, որոնք Տէրը Մովսէսին հրամայեց որ ընէ Իսրայէլի որդիներուն հետ Մովաբի երկրին մէջ, անոնց հետ Քորեբի վրայ ըրած ուխտէն զատ։

Ուստի Մովսէս բոլոր Իսրայէլը կանչելով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք տեսաք այն ամէնը՝ որ Տէրը ձեր աչքերուն առջեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ ըրաւ Փարաւոնին եւ անոր բոլոր ծառաներուն ու անոր բոլոր երկրին։ Այսինքն այն մեծ փորձութիւնները, նշաններն ու մեծ հրաշքները, որոնք դուն քու աչքերովդ տեսար։ Բայց Տէրը մինչեւ այսօր չտուաւ ձեզի այնպիսի սիրտ մը, որ իմանաք եւ ո՛չ աչքեր, որ տեսնէք, եւ ո՛չ ալ ականջներ, որ լսէք։ Ես քառասուն տարի անապատին մէջ ձեզ պտըտցուցի. ձեր վրայի լաթերը չհինցան ու ոտքերնուդ կօշիկները չմաշեցան։ Հաց չկերաք ու գինի կամ օղի չխմեցիք, որպէս զի գիտնաք թէ ես ձեր Տէր Աստուածն եմ։ Ու երբ այստեղ եկաք, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը եւ Բասանի Ովգ թագաւորը մեր առջեւ ելան մեզի հետ պատերազմելու ու մենք զարկինք զանոնք Եւ անոնց երկիրը առինք ու զանիկա Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին ժառանգութիւն տուինք։ Ուստի այս ուխտին խօսքերը պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք, որպէս զի ամէն գործի մէջ յաջողութիւն գտնէք։

10 «Այսօր դուք ամէնքդ ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ կը կայնիք. ձեր ցեղերուն իշխանները, ձեր ծերերը, ձեր ոստիկաններն ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը, 11 Ձեր տղաքները, ձեր կիները եւ քու բանակիդ մէջ եղող օտարականը, քու փայտ կտրողէդ մինչեւ քու ջրկիրդ. 12 Որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ ուխտին ու անոր երդումին մէջ մտնես, որ այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ կ’ընէ, 13 Որպէս զի քեզ այսօր իրեն ժողովուրդ հաստատէ եւ ինք քեզի Աստուած ըլլայ, ինչպէս քեզի ըսաւ ու ինչպէս քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ։ 14 Ու ես այս ուխտը եւ այս երդումը միայն ձեզի հետ չեմ ըներ, 15 Հապա այսօր մեզի հետ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ հոս կեցողներուն հետ եւ այսօր մեզի հետ հոս չեղողներուն հետ ալ. 16 Քանզի դուք գիտէք թէ ի՛նչպէս բնակեցանք Եգիպտոսի երկրին մէջ եւ ի՛նչպէս անցանք այն գետերուն մէջէն, որոնցմէ դուք անցաք 17 Ու անոնց քով եղած անոնց գարշելի բաները եւ անոնց փայտէ, քարէ, արծաթէ ու ոսկիէ կուռքերը տեսաք։ 18 Չըլլայ որ ձեր մէջ այր մարդ կամ կին մարդ կամ ազգատոհմ կամ ցեղ մը գտնուի, որ իր սիրտը մեր Տէր Աստուծմէն խոտորեցնելով երթայ այն ազգերուն աստուածներուն ծառայութիւն ընէ. չըլլայ որ ձեր մէջ թոյն ու դառնութիւն բերող արմատ մը գտնուի։ 19 Չըլլայ որ մէկը այս անէծքին խօսքերը լսելով՝ սրտին մէջ իրեն օրհնութիւն տալով ըսէ. ‘Թէեւ իմ սրտիս յամառութեամբ քալեմ, ինծի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’ եւ այսպէս անիկա իր ծարաւութեանը վրայ գինովութիւն աւելցնէ. 20 Տէրը պիտի չուզէ անոր խնայել, հապա այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնն ու նախանձը այն մարդուն վրայ պիտի բորբոքի եւ այս գրքին մէջ գրուած ամէն անէծք անոր վրայ պիտի իջնէ ու Տէրը անոր անունը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընէ։ 21 Տէրը այս օրէնքներու գրքին մէջ գրուած ուխտին բոլոր անէծքներուն համեմատ անոր վրայ չարիք հասցնելու համար՝ զանիկա Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն պիտի զատէ։ 22 Պիտի ըսէ յետագայ ազգը, այսինքն ձեզմէ ետքը ելլող սերունդը ու հեռու երկրէ եկող օտարականը, երբ տեսնեն այն երկրին հարուածներն ու անոր հիւանդութիւնները, որոնցմով Տէրը զանիկա պիտի նեղէ 23 Եւ երբ տեսնեն թէ այն բոլոր երկիրը ծծումբ, աղ ու այրած ըլլալով, հոն բան մը չի ցանուիր ու պտուղ չի բերեր եւ խոտ չի բուսնիր՝ Սոդոմի, Գոմորի, Ադմայի ու Սեբոյիմի աւերումին պէս, որոնք Տէրը իր բարկութիւնովն ու սրտմտութիւնովը բնաջինջ ըրաւ, 24 Նաեւ բոլոր ազգերը պիտի ըսեն. ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը այս երկրին այսպէս ըրաւ. այս մեծ սրտմտութեան ու բարկութեան պատճառը ի՞նչ է’։ 25 Անոնց պիտի ըսեն. ‘Պատճառը այն է՝ որ անոնք մերժեցին իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ուխտը, որ անոնց հետ ըրեր էր՝ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած ատեն 26 Եւ գացին ուրիշ աստուածներու ծառայեցին ու անոնց երկրպագութիւն ըրին, այնպիսի աստուածներու՝ որոնք իրենք բնաւ չէին ճանչցած եւ որոնք Տէրը որոշած չէր անոնց։ 27 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը այն երկրին դէմ բորբոքեցաւ, որ այս գրքին մէջ գրուած բոլոր անէծքները անոր վրայ բերէ։ 28 Տէրը բարկութեամբ, սրտմտութեամբ ու մեծ զայրացմամբ զանոնք իրենց երկրէն արմատախիլ ընելով՝ ուրիշ երկիր մը նետեց, ինչպէս այսօր կը տեսնուի’։ 29 Ծածուկ բաները մեր Տէր Աստուծոյն կը վերաբերին բայց յայտնուած բաները մեզի ու մեր որդիներուն տրուած են յաւիտեան, որպէս զի այս օրէնքին բոլոր խօսքերը կատարենք»։

ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

30 1 «Երբ այս քեզի յայտնած բաներս, թէ՛ անէծքը եւ թէ՛ օրհնութիւնը, քու վրադ գան ու դուն զանոնք քու սրտիդ մէջ նորէն յիշես այն բոլոր ազգերուն մէջ, ուր քու Տէր Աստուածդ քեզ պիտի քշէ Եւ դուն քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս եւ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ անոր խօսքին հնազանդիս, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու որդիներդ, ինչպէս ես այսօր քեզի յայտնեցի, Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ գերութենէ դարձնելով պիտի ողորմի քեզի ու նորէն պիտի հաւաքէ քեզ այն բոլոր ազգերէն, որոնց մէջ քու Տէր Աստուածդ քեզ ցրուեր էր։ Եթէ մինչեւ երկնքին ծայրը քշուած ալ ըլլաս, քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ պիտի հաւաքէ ու անկէ պիտի առնէ քեզ Եւ քու Տէր Աստուածդ քու հայրերուդ ժառանգած երկիրը պիտի դարձնէ քեզ ու զանիկա պիտի ժառանգես եւ քեզի յաջողութիւն տալով քու հայրերէդ աւելի պիտի շատցնէ քեզ։ Քու Տէր Աստուածդ քու սիրտդ եւ քու որդիներուդ սիրտը պիտի թլփատէ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ սիրես, որպէս զի ապրիս։ Քու Տէր Աստուածդ այն բոլոր անէծքները քու թշնամիներուդ վրայ, քեզ ատողներուն ու հալածողներուն վրայ պիտի դարձնէ։ Եթէ դուն դառնաս ու Տէրոջը խօսքին հնազանդիս ու կատարես անոր բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։ Քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքերուդ բոլոր գործերը, որովայնիդ պտուղը, անասուններուդ պտուղը ու երկրիդ պտուղը շատցնելով քեզի յաջողութիւն պիտի տայ. քանզի Տէրը աղէկութիւն ընելով նորէն պիտի ուրախանայ քեզի համար, ինչպէս քու հայրերուդ համար ուրախացաւ, 10 Երբ դուն քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս ու այս օրէնքներու գրքին մէջ գրուած անոր պատուիրանքներն ու կանոնները պահես եւ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս։

11 «Քանզի այս պատուիրանքները որ ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քեզի անիմանալի չէ ու քեզմէ հեռու ալ չէ։ 12 Անիկա երկինքը չէ, որ ըսես. ‘Մեզի համար ո՞վ պիտի ելլէ երկինքը եւ զանիկա մեզի պիտի բերէ, որպէս զի լսենք ու ընենք’ 13 Եւ անիկա ծովուն անդիի կողմն ալ չէ, որ ըսես. ‘Մեզի համար ծովուն անդիի կողմը ո՞վ պիտի անցնի ու զանիկա մեզի պիտի բերէ, որպէս զի լսենք ու ընենք’. 14 Քանզի այս խօսքը քեզի շատ մօտ է, քու բերնիդ ու սրտիդ մէջ է, որպէս զի դուն զանիկա կատարես։

15 «Նայէ՛, ես այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի։ 16 Ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որ քու Տէր Աստուածդ սիրես, անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անոր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները պահես, որպէս զի ապրիս ու շատնաս եւ քու Տէր Աստուածդ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի երթաս ժառանգելու համար։ 17 Բայց եթէ քու սիրտդ դառնայ ու չհնազանդիս, հապա մոլորելով ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ընես ու զանոնք պաշտես, 18 Ձեզի այսօր կը ծանուցանեմ, թէ անշուշտ պիտի կորսուիք ու երկար կեանք պիտի չունենաք այն երկրին մէջ, ուր մտնելու եւ զանիկա ժառանգելու համար Յորդանանէն կ’անցնիք։ 19 Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. 20 Քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛, վասն զի քու կեանքդ ու օրերուդ երկայնութիւնը այն է, որպէս զի դուն բնակիս այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ անոնց տալու»։

ՅԵՍՈՒ՝ ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԷ

31 1 Մովսէս գնաց բոլոր Իսրայէլին յայտնեց այս խօսքերը Ու անոնց ըսաւ. «Ես այսօր հարիւր քսան տարեկան եմ։ Ա՛լ ելլելու ու մտնելու կարողութիւն չունիմ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս’։ Քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ պիտի անցնի ու այս ազգերը քու առջեւէդ ինք պիտի կորսնցնէ եւ դուն անոնց երկիրը պիտի ժառանգես։ Տէրոջը ըսածին պէս Յեսու պիտի երթայ քու առջեւէդ։ Տէրը անոնց այնպէս պիտի ընէ, ինչպէս Ամօրհացիներու Սեհոն ու Ովգ թագաւորներուն եւ անոնց երկրին ըրաւ, զանոնք բնաջինջ ընելով։ Տէրը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի տայ ու իմ ձեզի բոլոր պատուիրածիս պէս պէտք է ընէք անոնց։ Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի հետ պիտի երթայ. անիկա ձեզ պիտի չթողու ու երեսէ պիտի չձգէ»։

Մովսէս Յեսուն կանչեց ու բոլոր Իսրայէլի առջեւ անոր ըսաւ. «Ուժովցի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը դո՛ւն պիտի տանիս այն երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու։ Դուն պիտի տանիս, որ ժառանգեն։ Եւ քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքը Տէրն է. անիկա քեզի հետ պիտի ըլլայ. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր»։

ՕՐԷՆՔԸ, ՈՐ ԱՄԷՆ ԵՕԹԸ ՏԱՐԻՆ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ

Մովսէս այս օրէնքը գրեց եւ զանիկա Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն տուաւ։ 10 Մովսէս անոնց պատուիրեց. «Ամէն եօթներորդ տարին, թողութեան տարիին ատենը, տաղաւարահարաց տօնին, 11 Երբ բոլոր Իսրայէլ կու գայ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու անոր ընտրած տեղը այն ատեն բոլոր Իսրայէլին առջեւ այս օրէնքը պիտի կարդաք, որպէս զի լսեն։ 12 Հաւաքեցէք ժողովուրդը՝ այրերը, կիները, տղաքներն ու քաղաքներուդ մէջ եղող օտարականները, որպէս զի լսեն եւ սորվելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնան ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն։ 13 Անոնց չգիտցող տղաքները լսելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվին, բոլոր այն օրերուն մէջ որչափ որ պիտի ապրիք այն երկրին վրայ, որ ժառանգելու համար Յորդանանէն պիտի անցնիք»։

14 Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա մեռնելու օրերդ մօտեցան. Յեսուն կանչէ ու վկայութեան խորանը ներկայացէք, որպէս զի անոր պատուէր տամ»։ Ուստի Մովսէս ու Յեսու գացին վկայութեան խորանը ներկայացան։ 15 Տէրը ամպի սիւնով խորանին մէջ երեւցաւ ու ամպի սիւնը վկայութեան խորանին դրանը վրայ կեցաւ։ 16 Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա դուն քու հայրերուդ հետ պիտի ննջես ու այս ժողովուրդը պիտի ելլէ ու իր գացած երկրին օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով՝ անոր մէջ շնութիւն պիտի ընէ եւ զիս պիտի թողու ու իրեն հետ ըրած ուխտս պիտի խափանէ։ 17 Այն օրը իմ բարկութիւնս իր վրայ բորբոքելով՝ զանոնք պիտի լքեմ ու երեսս անոնցմէ պիտի ծածկեմ, որ բնաջինջ ըլլան։ Շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպելով՝ պիտի ըսեն. ‘Մեր Աստուածը մեր մէջ չըլլալուն համար չէ՞ որ մենք այս չարիքները կը կրենք’։ 18 Բայց ես իմ երեսս բոլորովին պիտի ծածկեմ անոնց ըրած բոլոր չարութեանը համար, որովհետեւ ուրիշ աստուածներու դարձան։ 19 Ուստի հիմա այս երգը գրեցէք ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուցէք զանիկա անոնց բերանը դնելով, որպէս զի այս երգը Իսրայէլի որդիներուն մէջ ինծի վկայութեան համար ըլլայ։ 20 Քանզի զանոնք պիտի տանիմ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որուն համար ես անոնց հայրերուն երդում ըրի եւ անոնք պիտի ուտեն ու կշտանան եւ գիրնան ու ետքը ուրիշ աստուածներու դառնալով եւ անոնց ծառայութիւն ընելով՝ զիս պիտի արհամարհեն ու իմ ուխտս պիտի խափանեն։ 21 Իսկ երբ անոնք շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպին, այս երգը անոնց դէմ պիտի վկայէ. որովհետեւ անոնց զաւակներուն բերնէն պիտի չմոռցուի. վասն զի գիտեմ անոնց խորհուրդը՝ որ այսօր կ’ընեն, քանի որ դեռ իմ երդումով խոստացած երկիրս տարած չեմ զանոնք»։ 22 Ուստի Մովսէս նոյն օրը այս երգը երգեց ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուց զանիկա։

23 Տէրը Նաւէի որդիին Յեսուին պատուիրելով ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի Իսրայէլի որդիները դուն պիտի տանիս այն երկիրը, որուն համար անոնց երդում ըրի ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։

24 Երբ Մովսէս այս օրէնքին բոլոր խօսքերը գրքի մը մէջ գրեց լմնցուց, 25 Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. 26 «Այս օրէնքին գիրքը առէք ու զանիկա ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտի տապանակին քով դրէք, որպէս զի հոն ձեզի դէմ վկայութեան համար ըլլայ. 27 Քանզի ես քու ապստամբութիւնդ ու քու պարանոցիդ խստութիւնը գիտեմ։ Այսօր, երբ տակաւին ես ողջ եմ, դուք Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն կ’ընէք, ա՛լ որչա՜փ աւելի իմ մեռնելէս ետքը։ 28 Ձեր ցեղերուն բոլոր ծերերն ու ձեր ոստիկանները իմ առջեւս հաւաքեցէ՛ք, որպէս զի անոնց այս խօսքերը յայտնեմ, որ լսեն եւ երկինքն ու երկիրը վկայ բռնեմ անոնց. 29 Քանզի գիտեմ թէ իմ մեռնելէս ետքը դուք անշուշտ անօրէնութիւն պիտի ընէք ու իմ ձեզի պատուիրած ճամբայէս պիտի խոտորիք ու չարիքներու պիտի հանդիպիք. որովհետեւ Տէրոջը առջեւ չարութիւն պիտի ընէք ու ձեր ձեռքերուն գործերովը զանիկա պիտի սրդողեցնէք»։ 30 Ուստի այս երգին խօսքերը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ականջներուն խօսեցաւ։

ՄՈՎՍԷՍԻՆ ԵՐԳԸ

32 1 «Ո՛վ երկինք, ականջ դրէք որ խօսիմ

Ու երկիրը բերնիս խօսքերուն թող մտիկ ընէ։

 Իմ խրատս անձրեւի պէս պիտի կաթի,

Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ,

Անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ

Ու առատ անձրեւներու պէս՝ խոտի վրայ,

 Քանզի Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։

Մեր Աստուծոյն պատիւ տուէք։

 Աստուծոյ գործը կատարեալ է.

Քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են.

Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի.

Անիկա արդար եւ ուղիղ է։

 Ասոնք ապականեցան, իրենց արատը անոր որդիներուն չէ.

Ասիկա խոտորած ու ծռած ազգ մըն է։

 Տէրոջը ըրած հատուցումնիդ ասիկա՞ է,

Ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ,

Անիկա քու Հայրդ չէ՞, որ քեզ ստացաւ,

Քեզ ստեղծեց ու քեզ հաստատեց։

 Հին օրերը միտքդ բեր,

Անցած դարերուն տարիները յիշէ՛,

Քու հօրդ հարցուր ու թող քեզի պատմէ։

Քու ծերերուդ հարցուր ու թող քեզի ըսեն։

 Երբ Բարձրեալը ազգերուն ժառանգութիւնը բաժնեց

Ու Ադամի որդիները տարածեց,

Ազգերուն սահմանները

Իսրայէլի որդիներուն թիւովը դրաւ։

 Քանզի Տէրոջը բաժինը իր ժողովուրդն է

Ու իր ժառանգութեան վիճակը Յակոբն է։

10 Զանիկա ամայի երկրի մէջ,

Անկոխ ու ահագին անապատի մէջ գտաւ.

Զանիկա պաշտպանեց, խրատեց

Ու իր աչքին բիբին պէս պահեց։

11 Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կը խառնէ,

Կը շարժի իր ձագերուն վրայ,

Իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ

Ու թեւերովը կը վերցնէ,

12 Այնպէս ալ Տէրը միայն զանիկա պտըտցուց

Ու անոր հետ օտար աստուած չկար։

13 Զանիկա երկրի բարձր տեղերուն վրայ հանեց,

Որպէս զի արտերուն պտուղը ուտէ

Ու անոր վէմէն՝ մեղր

Ու ապառաժ վէմէն իւղ ծծել տուաւ։

14 Անոր կովերուն իւղ ու ոչխարներուն կաթ կերցուց,

Գառներու ու Բասանի խոյերու եւ նոխազներու ճարպով

Ու ցորենի ընտիր ալիւրով

Եւ խաղողին արիւնով՝ գինի խմեցիր։

15 Ու Իսրայէլ գիրնալով աքացեց

(Գիրցար, հաստցար, իւղ կապեցիր.)

Ու իր Արարիչ Աստուածը թողուց

Եւ իր փրկութեան Վէմը արհամարհեց։

16 Օտար աստուածներով անոր նախանձը գրգռեցին

Ու գարշելի բաներով զանիկա սրդողեցուցին։

17 Դեւերուն զոհ մատուցանեցին, բայց ո՛չ Աստուծոյ։

Իրենց չգիտցած աստուածներուն,

Նոր ու մօտերս եղողներուն,

Որոնցմէ ձեր հայրերը չվախցան։

18 Դուն քեզ ծնանող Վէմը մոռցար

Ու քեզ ստեղծող Աստուածը մտքէդ հանեցիր։

19 Տէրը տեսնելով զզուեցաւ

Որովհետեւ իր տղաքներն ու աղջիկները զինք սրդողցուցին։

20 Ուստի ըսաւ. ‘Անոնցմէ երեսս պիտի ծածկեմ

Ու տեսնեմ թէ անոնց վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ.

Վասն զի անոնք ծուռ ազգ մըն են,

Անհաւատարիմ որդիներ են։

21 Անոնք չաստուածներով իմ նախանձս գրգռեցին

Ու իրենց սնոտի բաներովը զիս սրդողցուցին.

Ես ալ անպիտան ժողովուրդով մը անոնց նախանձը պիտի գրգռեմ

Ու անմիտ ազգով մը զանոնք պիտի սրդողցնեմ։

22 Քանզի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ

Եւ դժոխքէն մինչեւ ներքին տեղերը պիտի այրէ,

Երկիրը եւ անոր արմտիքը պիտի ուտէ

Ու լեռներուն հիմերը պիտի բռնկեցնէ։

23 Անոնց վրայ չարիք պիտի դիզեմ,

Իմ նետերս անոնց վրայ նետելով պիտի հատցնեմ։

24 Անօթութեամբ պիտի մաշին

Ու հրատագնապ տենդով եւ դառն ժանտախտով պիտի հատնին

Ու անոնց վրայ գազաններուն ակռաները

Ու գետնին վրայ սողացողներուն թոյնը պիտի ղրկեմ։

25 Դուրսէն սուրը ու ներսէն վախը՝

Երիտասարդներն ու կոյս աղջիկները,

Կաթնկեր տղաքները

Ու ալեւոր ծերերը պիտի ջարդեն։

26 Ըսի թէ զանոնք երկրի ամէն կողմը պիտի ցրուեմ,

Անոնց յիշատակը մարդոց մէջէն պիտի վերցնեմ,

27 Ոչ թէ թշնամիին բարկութենէն վախցայ, այլ

Չըլլայ որ անոնց հակառակորդները ուրանան,

Չըլլայ որ ըսեն թէ «Այս բոլոր բանը ընողը

Մեր բարձր ձեռքն է եւ ոչ թէ Տէրը»։

28 Քանզի անոնք անխորհուրդ ազգ մըն են

Ու անոնց մէջ իմաստութիւն չկայ։

29 Երանի՜ թէ իմաստուն ըլլային ու այս բանը հասկնային

Եւ իրենց վախճանին վրայ մտածէին։

30 Մարդ մը հազարը ի՞նչպէս կը հալածէր

Ու երկու մարդ տասը հազարը ի՞նչպէս կրնային փախցնել,

Եթէ անոնց Վէմը զանոնք չծախէր

Ու Տէրը զանոնք չմատնէր։

31 Քանզի անոնց վէմը մեր Վէմին պէս չէ

Եթէ նոյնիսկ մեր թշնամիները այս բանին դատաւոր ըլլան.

32 Վասն զի անոնց որթատունկը Սոդոմի որթատունկէն է

Ու Գոմորի արտէն է.

Անոնց խաղողները թունաւոր խաղողներ են

Ու անոնց ողկոյզները դառն են.

33 Անոնց գինին վիշապներուն ժանտութիւնը

Ու իժերուն մահառիթ թոյնն է։

34 Ասիկա իմ քովս պահուած

Ու իմ շտեմարաններուս մէջ կնքուած չէ՞ արդեօք։

35 Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը։

Անոնց ոտքը սահմանուած ժամանակին պիտի գլորի.

Վասն զի անոնց կորստեան օրը մօտ է

Ու անոնց գլխուն գալիքները կ’արտորան’։

36 Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը պիտի դատէ

Ու իր ծառաներուն վրայ պիտի գթայ,

Որովհետեւ պիտի տեսնէ անոնց տկարութիւնը,

Երբ բանտարկուած կամ ազատ չըլլայ։

37 Եւ պիտի ըսէ. ‘Ո՞ւր են անոնց աստուածները,

Այն վէմը՝ որուն վրայ իրենց յոյսը դրեր էին,

38 Անոնց զոհերուն ճարպը ուտողները

Ու ըմպելի նուէրներուն գինին խմողները։

Թող ելլեն ու ձեզի օգնեն եւ ձեզի պաշտպան ըլլան։

39 Հիմա նայեցէք, որ միայն ԵՍ ԵՄ

Ու ինձմէ ուրիշ Աստուած չկայ.

Ես կը մեռցնեմ ու ես կ’ապրեցնեմ.

Ես կը զարնեմ ու ես կը բժշկեմ

Ու իմ ձեռքէս ազատող մը չկայ։

40 Քանզի ձեռքս երկինք վերցնելով կ’ըսեմ.

«Ես յաւիտեան կենդանի եմ»։

41 Եթէ փայլակի պէս սուրս սրեմ

Ու ձեռքս դատաստանի երկնցնեմ,

Իմ թշնամիներուս վրէժխնդրութիւն պիտի ընեմ

Եւ զիս ատողներուն հատուցում պիտի ընեմ։

42 Սպաննուածներուն ու գերիներուն արիւնէն,

Թշնամիներու իշխաններուն գլխէն

Իմ նետերս արիւնով պիտի արբեցնեմ

Ու իմ սուրս միս պիտի ուտէ’։

43 Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէ՛ք,

Քանզի իր ծառաներուն արեան վրէժը պիտի խնդրէ.

Իր թշնամիներէն վրէժ պիտի առնէ

Եւ իր երկրին ու ժողովուրդին քաւութիւն պիտի ընէ»։

44 Ուստի Մովսէս Նաւեան Յեսուին հետ եկաւ ու այս երգին բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն լսցուց։ 45 Երբ Մովսէս այս ամէն խօսքերը լմնցուց, 46 Անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը, որ այսօր ձեզի իբր վկայութիւն բերի, որպէս զի ձեր տղոց պատուիրէք, որ այս օրէնքին ամէն խօսքերը պահեն ու կատարեն։ 47 Քանզի ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է ու այս բանով երկայնակեաց պիտի ըլլաք այն երկրին մէջ, որուն համար Յորդանանէն կ’անցնիք զանիկա ժառանգելու»։

48 Տէրը նոյն օրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 49 «Աբարիմ լեռը ելիր, Մովաբի երկրին մէջ եղող Երիքովին դիմացի Նաբաւ լեռը ու տես Քանանի երկիրը որ Իսրայէլի որդիներուն իբր կալուածք պիտի տամ։ 50 Սակայն այդ լերան վրայ պիտի մեռնիս ու քու ժողովուրդիդ խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն Հովր լերան վրայ մեռաւ ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ. 51 Որովհետեւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ, Սին անապատը, Կադէսի վիճաբանութեան ջուրերուն վրայ ինծի անհնազանդ եղաք. քանզի Իսրայէլի որդիներուն մէջ զիս չփառաւորեցիք։ 52 Ուստի այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես, այն երկիրը՝ որ ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ»։

ՄՈՎՍԷՍ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՑԵՂԵՐԸ Կ’ՕՐՀՆԷ

33 1 Այս է այն օրհնութիւնը, որով Աստուծոյ մարդը՝ Մովսէս՝ իր մեռնելէն առաջ Իսրայէլի որդիները օրհնեց Ու ըսաւ.

«Տէրը Սինայէն եկաւ

Ու Սէիրէ անոնց երեւցաւ

Եւ Փառան լեռնէն փայլեցաւ

Ու բիւրաւոր սուրբերով եկաւ.

Անոր աջ ձեռքէն օրէնքին կրակը ելաւ անոնց։

 Այո՛, անիկա ժողովուրդները կը սիրէ։

Բոլոր սուրբերը քու ձեռքդ են։

Անոնք քու խօսքերդ ընդունելու համար

Քու ոտքերուդ քով կը նստին։

 Մովսէս մեզի տուաւ օրէնքը,

Յակոբին ժողովուրդին ժառանգութիւնը։

 Երբ ժողովուրդին գլխաւորները

Իսրայէլի ցեղերուն հետ մէկտեղ հաւաքուեցան,

Ինք Իսրայէլի մէջ իշխան եղաւ։

 Ռուբէն թող ապրի ու չմեռնի

Եւ անոր ժողովուրդը թող շատնայ»։

 Եւ Յուդային համար այս բանը ըսաւ.

«Ո՛վ Տէր, Յուդային ձայնը լսէ

Ու զանիկա իր ժողովուրդին բեր.

Անոր ձեռքերը իրեն թող բաւականանան

Եւ անոր թշնամիներուն դէմ օգնական եղիր»։

 Ու Ղեւիին համար ըսաւ.

«Քու Թումիմդ եւ Ուրիմդ թող քու սուրբ մարդուդ ըլլան,

Որ Մասսայի մէջ փորձեցիր

Ու Մերիպայի ջուրին վրայ անոր հետ վիճեցար։

 Ան որ իր հօրն ու մօրը համար

‘Զանիկա չտեսայ’ ըսաւ

Եւ իր եղբայրները չճանչցաւ

Ու իր որդիները չգիտցաւ.

Քանզի անոնք քու խօսքիդ զգուշութիւն ըրին

Ու քու ուխտդ պահեցին։

10 Անոնք պիտի սորվեցնեն քու պատուիրանքներդ Յակոբին

Ու քու օրէնքդ՝ Իսրայէլին.

Քու առջեւդ խունկ պիտի մատուցանեն

Ու քու սեղանիդ վրայ՝ ողջակէզ։

11 Ո՛վ Տէր, անոր զօրութիւնը օրհնէ

Ու անոր ձեռքին գործը ընդունէ.

Անոր վրայ ելլողներուն ու անոր թշնամիներուն մէջքը կոտրէ,

Որպէս զի անգամ մըն ալ չելլեն»։

12 Բենիամինին համար ըսաւ.

«Տէրոջը սիրելին անոր քով թող ապահովութեամբ բնակի.

Աստուած միշտ զանիկա պաշտպանէ

Ու անոր ուսերուն մէջ բնակի»։

13 Ու Յովսէփին համար ըսաւ.

«Անոր երկիրը թող Տէրոջմէն օրհնուի,

Երկնքի ընտիր պարգեւներովը, ցօղովը

Ու վարը պառկող անդունդներովը

14 Եւ արեգակէն յառաջ եկած ընտիր բերքերովը

Ու ամիսներուն ընտիր արդիւնքներովը

15 Եւ հին լեռներու ընտիր պտուղներովը

Ու մշտնջենաւոր բլուրներուն ընտիր պարգեւներովը

16 Եւ երկրի ու անոր առատութեանը ընտիր պարգեւներովը

Ու մորենիին մէջ բնակողին բարեհաճութիւնովը։

Ասոնք Յովսէփին գլխուն վրայ,

Իր եղբայրներուն մէջ երեւելի եղողին գագաթին վրայ թող գան։

17 Անիկա իր ցուլին անդրանիկին պէս գեղեցիկ է

Ու իր եղջիւրները միեղջերուի եղջիւրներուն կը նմանին։

Անոնցմով պիտի զարնէ ժողովուրդները

Մինչեւ երկրին ծայրերը։

Ասոնք են Եփրեմին բիւրաւորները

Ու Մանասէին հազարաւորները»։

18 Եւ Զաբուղոնին համար ըսաւ.

«Ուրախացի՛ր, ո՛վ Զաբուղոն, քու ելած ատենդ

Ու դո՛ւն, ո՛վ Իսաքար՝ քու վրաններուդ մէջ։

19 Ժողովուրդները լեռը հրաւիրելով՝

Հոն արդարութեան զոհեր պիտի մատուցանեն.

Քանզի անոնք ծովերուն առատութիւնը

Ու աւազին ծածուկ գանձերը պիտի ծծեն»։

20 Ու Գադին համար ըսաւ.

«Գադը ընդարձակողը թող օրհնեալ ըլլայ։

Մատակ առիւծի պէս կը նստի ու թեւեր ու գլուխներ կը գիշատէ։

21 Եւ անիկա երկրին առաջին մասը իրեն յարմար տեսաւ,

Քանզի հոն օրէնսդիրին տուած բաժինին մէջ պահուեցաւ

Եւ ժողովուրդին գլխաւորներովը գալով՝

Տէրոջը արդարութիւնն ու անոր օրէնքները

Իսրայէլին հետ գործադրեց»։

22 Եւ Դանին համար ըսաւ.

«Դան առիւծի ձագ է,

Անիկա Բասանէն պիտի ցատկէ»։

23 Ու Նեփթաղիմին համար ըսաւ.

«Նեփթաղիմ, Աստուծոյ շնորհքովը կշտացած

Եւ Տէրոջը օրհնութիւնովը լեցուած,

Արեւմուտքը ու հարաւը պիտի ժառանգէ»։

24 Ու Ասերին համար ըսաւ.

«Ասերը որդիներէ օրհնուի.

Իր եղբայրներուն հաճոյ ըլլայ,

Ու ոտքը իւղի մէջ թաթխէ։

25 Քու կօշիկներդ երկաթէ ու պղնձէ ըլլան

Եւ քու ոյժդ քու օրերուդ չափ ըլլայ։

26 Իսրայէլի Աստուծոյն պէս չկայ,

Անիկա քեզի օգնութիւն ընելու համար

Իր մեծավայելչութիւնովը երկինքներու

Եւ ամպերու վրայ կը նստի։

27 Յաւիտենական Աստուածը քեզի ապաւէն է

Ու անոր յաւիտենական բազուկները քեզի պաշտպան են.

Քանզի թշնամիները քու առջեւէդ պիտի վռնտէ

Ու ‘Զանոնք կոտրէ’ պիտի ըսէ։

28 Եւ Իսրայէլը ապահովութեամբ առանձին պիտի բնակի.

Յակոբին աղբիւրը ցորենի ու գինիի երկրին մէջ պիտի ըլլայ

Ու անոր երկնքէն ցօղ պիտի կաթի։

29 Երանի՜ քեզի, ո՛վ Իսրայէլ. ո՞ր ժողովուրդը քեզի պէս

Տէրոջը ձեռքով փրկուած է.

Վասն զի քու օգնութեանդ ասպարը

Ու յաղթութեանդ սուրը անիկա է.

Քու թշնամիներդ քու առջեւդ պիտի խոնարհին

Ու անոնց բարձր տեղերուն վրայ պիտի կոխես»։

ՄՈՎՍԷՍԻՆ ՄԱՀԸ

34 1 Մովսէս Մովաբի դաշտերէն Նաբաւ լերանը վրայ Երիքովի դիմացի Փասգայի գագաթը ելաւ եւ Տէրը անոր ցուցուց բոլոր Գաղաադի երկիրը մինչեւ Դան, Նաեւ բոլոր Նեփթաղիմը ու Եփրեմի եւ Մանասէի երկիրը ու Յուդայի բոլոր երկիրը մինչեւ արեւմտեան ծովը Եւ հարաւային կողմն ու Երիքովի հովիտին դաշտը ու Արմաւենիներու քաղաքը մինչեւ Սեգովր։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Այս է այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդում ըրի՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զանիկա’։ Ահա քու աչքերուդ ցուցուցի, բայց դուն հոն պիտի չանցնիս»։

Այսպէս Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ հոն Մովաբի երկրին մէջ, Տէրոջը ըսածին պէս մեռաւ։ Տէրը զայն Բեթփեգովրի դէմ, Մովաբի երկիրը ձորի մը մէջ թաղեց ու մինչեւ այսօր ոեւէ մարդ անոր գերեզմանին տեղը չգիտցաւ։ Եւ Մովսէս իր մեռած ատենը հարիւր քսան տարեկան էր. անոր աչքերը չտկարացան ու անոր ոյժը չգնաց։ Իսրայէլի որդիները Մովաբի դաշտերուն մէջ Մովսէսին համար երեսուն օր լացին ու Մովսէսին համար սուգի եւ լացի օրերը լմնցան։

Եւ Նաւէին որդին Յեսու իմաստութեան հոգիով լեցուեցաւ, որովհետեւ Մովսէս իր ձեռքերը անոր վրայ դրեր էր ու Իսրայէլի որդիները անոր հնազանդեցան եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, այնպէս ըրին։

10 Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ ուրիշ մարգարէ մը չելաւ Մովսէսին պէս, որը Տէրը երես առ երես ճանչցաւ 11 Եւ Տէրոջ կողմէ Եգիպտոս ղրկուեցաւ նշաններով ու հրաշքներով Փարաւոնին, ծառաներուն եւ ամբողջ երկրին առջեւ ընելու 12 Եւ որը զօրաւոր ձեռքով եւ մեծ սոսկումով ըրաւ Իսրայելացիներուն աչքին առջեւ։