Դ. ԳԻՐՔ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

Դ. ԳԻՐՔ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

ԵՂԻԱՆ ԵՒ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

1 Աքաաբին մեռնելէն ետքը Մովաբ Իսրայէլին դէմ ապստամբեցաւ։

Ոքոզիա Սամարիայի մէջ իր վերնատան վանդակապատէն վար ինկաւ ու հիւանդացաւ ու պատգամաւորներ ղրկեց՝ անոնց ըսելով. «Գացէ՛ք Ակկարոնի Բահաղ–Ճանճիկ աստուծոյն հարցուցէ՛ք, թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ»։ Տէրոջը հրեշտակը Թեզբացի Եղիային ըսաւ. «Ելի՛ր, Սամարիայի թագաւորին պատգամաւորները դիմաւորելու գնա ու անոնց ըսէ՛. ‘Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ դուք Ակկարոնի Բահաղ–Ճանճիկ աստուծոյն հարցնելու կ’երթաք’։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս’»։ Եղիա գնաց։

Պատգամաւորները անոր դարձան ու Ոքոզիա անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար ետ դարձաք»։ Անոր ըսին. «Մեր դէմ մարդ մը ելաւ ու մեզի ըսաւ. ‘Գացէ՛ք ձեզ ղրկող թագաւորին դարձէ՛ք ու անոր ըսէք՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ Ակկարոնի Բահաղ–Ճանճիկ աստուծոյն հարցնելու կը ղրկես։ Անոր համար քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս»’»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Ձեզ դիմաւորող ու այս խօսքերը ձեզի ըսող մարդը ի՞նչպէս մարդ էր»։ Ու անոր ըսին. «Անիկա մազոտ մարդ մըն էր ու մէջքը մաշկեղէն գօտի մը կապեր էր»։ Թագաւորը ըսաւ. «Անիկա Թեզբացի Եղիան է»։

Ոքոզիա անոր յիսուն մարդով յիսնապետ մը ղրկեց։ Անիկա Եղիային քով գնաց։ Եղիա լերան գլուխը նստած էր։ Յիսնապետը անոր ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թագաւորը կը խնդրէ, որ վար իջնես»։ 10 Եղիա պատասխան տուաւ ու յիսնապետին ըսաւ. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկնքէն կրակ թող իջնէ եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ ուտէ»։ Երկնքէն կրակ իջաւ եւ զանիկա ու անոր յիսուն մարդը կերաւ։

11 Անոր նորէն յիսուն մարդով ուրիշ յիսնապետ մը ղրկեց։ Անիկա խօսեցաւ ու անոր ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Շուտով վա՛ր իջիր’»։ 12 Եղիա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկնքէն կրակ թող իջնէ եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ ուտէ»։ Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ եւ զանիկա ու անոր յիսուն մարդը կերաւ։

13 Նորէն յիսուն մարդով երրորդ յիսնապետ մը ղրկեց ու այն երրորդ յիսնապետը վեր ելաւ ու գնաց Եղիային առջեւ ծունկ կրկնեց եւ անոր աղաչեց ու ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թող իմ հոգիս ու այս յիսուն ծառաներուդ հոգիները քու աչքերուդ առջեւ պատուական սեպուին։ 14 Ահա երկնքէն կրակ իջաւ ու այն առաջուան երկու յիսնապետները եւ անոնց յիսուն մարդիկը կերաւ. բայց հիմա իմ հոգիս քու աչքիդ առջեւ թող պատուական սեպուի»։

15 Տէրոջը հրեշտակը Եղիային ըսաւ. «Անոր հետ իջի՛ր, անոր երեսէն մի՛ վախնար»։ Եղիա ելաւ անոր հետ թագաւորին իջաւ։ 16 Անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Ակկարոնի Բահաղ–Ճանճիկ աստուծմէն հարցնելու համար պատգամաւորներ ղրկեցիր, իբր թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկար, որ անոր բան հարցնէիր, անոր համար այդ քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս’»։

17 Ոքոզիա մեռաւ Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ Եղիա ըսեր էր եւ որովհետեւ անիկա որդի չունէր, անոր տեղը Յովրամ թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Յովսափատեան Յովրամ թագաւորին երկրորդ տարին։ 18 Ոքոզիային ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։

ԵՂԻԱ ԵՐԿԻՆՔ ԿԸ ՎԵՐՑՈՒԻ

1 Երբ Տէրը Եղիան մրրիկով երկինք պիտի վերցնէր, Եղիա ու Եղիսէ Գաղգաղա գացին։ Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Բեթէլ ղրկեց»։ Եղիսէ ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Բեթէլ իջան։ Բեթէլի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ելան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եղիսէ, դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Երիքով ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Երիքով գացին։ Երիքովի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդիները Եղիսէին մօտեցան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Յորդանան ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Երկուքը գացին։ Մարգարէներուն որդիներէն յիսուն մարդ գացին անոր դէմ՝ հեռուն կայնեցան, իսկ իրենք երկուքը Յորդանանի քով կայնեցան։ Եղիա իր վերարկուն առաւ ծալլեց եւ ջուրերուն զարկաւ ու մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու երկուքը ցամաքով անցան։

Երբ անոնք անցան, Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Խնդրէ՛, ի՞նչ ընեմ քեզի, քանի որ դեռ քեզմէ վերցուած չեմ»։ Եղիսէ ըսաւ. «Թող քու ոգիիդ կրկնապատիկը ունենամ»։ 10 Եղիա անոր ըսաւ. «Դժուար բան խնդրեցիր. բայց եթէ քեզմէ վերցուելու ատենս զիս տեսնես՝ խնդրածիդ պէս թող ըլլայ, ապա թէ ոչ՝ թող չըլլայ»։

11 Երբ անոնք խօսելով կ’երթային, ահա հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ։ 12 Եղիսէ տեսաւ ու աղաղակեց. «Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլին կառքը ու անոր ձիաւորները»։ Ա՛լ չտեսաւ զանիկա։ Իր հանդերձները բռնեց ու զանոնք երկու կտորի պատռեց։ 13 Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն վերցուց եւ դարձաւ Յորդանանի եզերքը կեցաւ։ 14 Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն առաւ, ջուրերուն զարկաւ եւ ըսաւ. «Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա»։ Երբ ջուրերուն զարկաւ, մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու Եղիսէ անցաւ։

15 Երիքովի մարգարէներուն որդիները զանիկա տեսնելով՝ ըսին. «Եղիային ոգին Եղիսէին վրայ հանգչեցաւ»։ Զանիկա դիմաւորելու գացին ու գետնէն անոր խոնարհութիւն ըրին 16 Եւ անոր ըսին. «Ահա քու ծառաներուդ հետ յիսուն զօրաւոր մարդիկ կան, թող երթան ու քու տէրդ փնտռեն. կարելի է Տէրոջը Հոգին զանիկա վերցուց ու լերան մը վրայ կամ ձորի մը մէջ ձգեց»։ Անիկա ըսաւ. «Մի՛ ղրկէք»։ 17 Բայց անոնք բռնադատեցին զանիկա մինչեւ որ ամչցաւ ու ըսաւ. «Ղրկեցէ՛ք»։ Եւ յիսուն մարդ ղրկեցին, որոնք երեք օր փնտռեցին, բայց զանիկա չգտան 18 Ու անոր դարձան։ Անիկա Երիքով կը նստէր ու անոնց ըսաւ. «Ես ձեզի չըսի՞, թէ ‘Մի՛ երթաք’»։

ԵՂԻՍԷԻՆ ՀՐԱՇՔՆԵՐԸ

19 Քաղաքին մարդիկը Եղիսէին ըսին. «Ահա քաղաքիս բնակութիւնը աղէկ է, ինչպէս մեր տէրը կը տեսնէ, բայց ջուրերը գէշ ու երկիրը անպտուղ է»։ 20 Անիկա ըսաւ. «Ինծի նոր կուժ մը բերէ՛ք ու մէջը աղ դրէ՛ք»։ Անոնք անոր բերին։ 21 Անիկա ջուրերուն աղբիւրը ելաւ ու հոն աղ նետեց ու ըսաւ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ջուրերը բժշկեցի, անգամ մըն ալ ասկէ մահ ու անպտղութիւն չըլլայ’»։ 22 Այն ջուրերը բժշկուեցան մինչեւ այսօր՝ Եղիսէի ըսած խօսքին համեմատ։

23 Անկէ Բեթէլ ելաւ ու երբ ճամբայէն վեր կ’ելլէր, քաղաքէն պզտիկ տղաքներ ելան եւ զանիկա ծաղր կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ելի՛ր կնտակ, ելի՛ր կնտակ»։ 24 Ետին դարձաւ ու զանոնք տեսաւ եւ Տէրոջը անունովը զանոնք անիծեց։ Անտառէն երկու մատակ արջ ելան ու անոնցմէ քառասունըերկու տղայ պատառեցին։ 25 Եւ անկէ Կարմեղոս լեռը գնաց, ապա Սամարիա դարձաւ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՄՈՎԱԲԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

1 Աքաաբին որդին՝ Յովրամ՝ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Սամարիայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու տասներկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, բայց ո՛չ իր հօրն ու իր մօրը պէս, քանզի անիկա իր հօրը շինած Բահաղին կուռքը վերցուց։ Բայց Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն յարեցաւ, անոնցմէ չզատուեցաւ։

Մովաբի Մեսա թագաւորը հօտերու տէր ըլլալով՝ Իսրայէլի թագաւորին հարիւր հազար գառ ու հարիւր հազար գեղմնաւոր խոյ կու տար։ Բայց Աքաաբին մեռնելէն ետքը Մովաբի թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։ Ուստի Յովրամ թագաւորը Սամարիայէն ելաւ ու բոլոր Իսրայէլը համրեց Ու գնաց եւ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Մովաբի թագաւորը ինծի դէմ ապստամբեցաւ. ինծի հետ Մովաբի վրայ պատերազմելու կ’երթա՞ս»։ Անիկա ըսաւ. «Կ’երթամ. ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս քու ժողովուրդիդ պէս ու ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։ Յովրամ ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն երթանք»։ Ան ալ ըսաւ. «Եդովմի անապատին ճամբայէն»։ Իսրայէլի թագաւորը, Յուդայի թագաւորն ու Եդովմի թագաւորը գացին ու եօթը օրուայ ճամբայ պտըտեցան։ Անոնց հետ եղող բանակին ու անասուններուն համար ջուր չկար։

10 Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Ափսո՜ս, Տէրը այս երեք թագաւորները Մովաբին ձեռքը տալու կանչեր է»։ 11 Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը մարգարէ մը չկա՞յ, որպէս զի անոր միջոցով Տէրոջը հարցնենք»։ Իսրայէլի թագաւորին ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եղիային ձեռքերուն ջուր լեցնող Սափատեան Եղիսէն հոս է»։ 12 Յովսափատ ըսաւ. «Անոր քովն է Տէրոջը խօսքը»։ Իսրայէլի թագաւորը եւ Յովսափատ ու Եդովմի թագաւորը անոր իջան։ 13 Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. դուն քու հօրդ մարգարէներուն ու քու մօրդ մարգարէներուն գնա»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛չ, վասն զի Տէրը այս երեք թագաւորը Մովաբին ձեռքը մատնելու կանչեր է»։ 14 Եղիսէ ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է որ, եթէ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին վրայ համարում չունենայի, բնաւ երեսդ պիտի չնայէի ու քեզ պիտի չտեսնէի։ 15 Հիմա ինծի նուագածու մը բերէք»։ Երբ նուագածուն նուագարանը կը զարնէր, անոր վրայ Տէրոջը զօրութիւնը եկաւ 16 Ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս հեղեղատը փոս փոս ըրէք’. 17 Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Հով պիտի չտեսնէք ու անձրեւ պիտի չտեսնէք. բայց այս հեղեղատը ջրով պիտի լեցուի եւ պիտի խմէք դուք ու ձեր հօտերն ու ձեր անասունները’։ 18 Սակայն ասիկա Տէրոջը առջեւ պզտիկ բան մը ըլլալով, Մովաբն ալ ձեր ձեռքը պիտի մատնէ 19 Եւ ամէն պարսպապատ քաղաք ու ամէն ընտիր քաղաք պիտի զարնէ եւ բոլոր ազնիւ ծառերը պիտի կոտրտէք ու բոլոր ջուրի աղբիւրները պիտի գոցէք ու բոլոր ընտիր արտերը քարերով պիտի աւրէք»։ 20 Առաւօտուն զոհ մատուցուած ատենը՝ ահա Եդովմի ճամբայէն ջուրեր եկան ու երկիրը ջրով լեցուեցաւ։

21 Երբ Մովաբացիները լսեցին թէ թագաւորներ ելեր են իրենց հետ պատերազմելու, բոլոր գօտի կապելու կարողութիւն ունեցողները հաւաքուեցան ու սահմանագլուխը կեցան։ 22 Առաւօտուն կանուխ ելան ու արեւուն ճառագայթները ջուրերուն վրայ զարկած ըլլալով՝ Մովաբացիները այն ջուրերը արիւնի պէս կարմիր տեսան 23 Ու ըսին. «Ասիկա արիւն է. անտարակոյս թագաւորները իրարու հետ կռուեր են ու մէկզմէկ զարկեր են. հիմա, ո՛վ Մովաբացիներ, աւարը հաւաքենք»։ 24 Այսպէս անոնք Իսրայէլի բանակը գացին ու Իսրայելացիները ելան Մովաբացիները զարկին, որոնք անոնց երեսէն փախան ու Իսրայելացիները Մովաբացիները զարնելով՝ անոնց երկիրը մտան, 25 Քաղաքները կործանեցին ու բոլոր ընտիր արտերուն մէջ ամէն մարդ քար մը նետեց ու զանոնք լեցուցին եւ բոլոր ջուրի աղբիւրները գոցեցին ու բոլոր ազնիւ ծառերը կոտրեցին, այնպէս որ միայն Կիրհարէսէթի քարերը թողուցին։ Պարսատիկ ունեցողները զանիկա պաշարեցին ու զարկին։ 26 Մովաբի թագաւորը, երբ տեսաւ որ պատերազմը իր վրայ սաստկացաւ, իրեն հետ եօթը հարիւր սուսերամերկ զօրք առաւ, որպէս զի մինչեւ Եդովմի թագաւորին հակառակ կողմը անցնին, բայց չկրցան։ 27 Ուստի առաւ իր անդրանիկ որդին, որ իր տեղ պիտի թագաւորէր ու զանիկա պարսպին վրայ զոհեց։ Իսրայելացիներուն դէմ մեծ բարկութիւն եղաւ։ Անոր երկրէն ետ քաշուեցան ու իրենց երկիրը դարձան։

ԵՂԻՍԷ ԽԵՂՃ ՈՐԲԵՒԱՐԻԻ ՄԸ Կ’ՕԳՆԷ

1 Մարգարէներուն որդիներէն մէկուն կինը Եղիսէին աղաղակելով՝ ըսաւ. «Քու ծառադ՝ այրս մեռաւ։ Դուն քու ծառայիդ աստուածավախ ըլլալը գիտես։ Պարտատէրը եկաւ, որպէս զի իմ երկու որդիներս իբր ծառայ իրեն առնէ»։ Եղիսէ անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ ընեմ. ըսէ ինծի, տունը ի՞նչ ունիս»։ Անիկա ըսաւ. «Քու աղախինդ տանը մէջ աման մը իւղէն զատ ուրիշ բան մը չունի»։ Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛, դուրսէն քու բոլոր դրացիներէդ քեզի պարապ ամաններ ուզէ. քիչ մի՛ ուզեր Եւ տունդ մտիր ու վրայէդ ու քու որդիներուդ վրայէն դուռը գոցէ եւ քու իւղդ այն բոլոր ամաններուն մէջ պարպէ ու լեցուածը վերցուր»։ Անիկա անոր քովէն գնաց ու իր վրայէն ու իր որդիներուն վրայէն դուռը գոցեց։ Տղաքը ամանները անոր կը մօտեցնէին ու անիկա կը լեցնէր։ Երբ այն ամանները լեցուեցան, իր որդիին ըսաւ. «Ինծի ուրիշ աման մօտեցուր»։ Տղան ըսաւ անոր. «Ուրիշ աման չկայ»։ Այն ատեն ա՛լ իւղը չհոսեցաւ։ Կինը գնաց Աստուծոյ մարդուն պատմեց ու անիկա ըսաւ. «Գնա՛, իւղը ծախէ ու պարտքդ վճարէ՛ եւ աւելցածովը դուն ու քու որդիներդ ապրեցէ՛ք»։

ԵՂԻՍԷ ԵՒ ՍՈՒՆԱՄԱՑԻ ՀԱՐՈՒՍՏ ԿԻՆԸ

Օր մը, երբ Եղիսէ Սունամայէն կ’անցնէր, հոն երեւելի կին մը կար, որը ստիպեց որ հաց ուտէ։ Անկէ ետքը երբ անկէ կ’անցնէր, հաց ուտելու համար հոն կ’իջնէր։ Այն կինը իր էրկանը ըսաւ. «Ահա գիտեմ թէ ասիկա Աստուծոյ մէկ սուրբ մարդն է, որ միշտ մեր քովէն կ’անցնի. 10 Հիմա պզտիկ վերնատուն մը շինենք պատին վրայ ու հոն անոր համար անկողին, սեղան, աթոռ ու աշտանակ դնենք, որպէս զի երբ մեզի գայ, հոն իջնէ»։ 11 Օր մը անիկա հոն եկաւ, վերնատունը մտաւ ու հոն պառկեցաւ 12 Եւ իր ծառային Գէեզիին ըսաւ. «Սունամացի կինը կանչէ»։ Կինը եկաւ ու անոր առջեւ կեցաւ։ 13 Եղիսէ իր ծառային ըսաւ. «Անոր ըսէ՛. ‘Ահա դուն մեզի համար այս բոլոր աշխատանքը քաշեցիր. քեզի ի՞նչ ընեմ. թագաւորին կամ զօրագլուխին ըսելիք մը ունի՞ս’»։ Կինը ըսաւ. «Ես իմ ժողովուրդիս մէջ կը բնակիմ»։ 14 Ու Եղիսէ ըսաւ. «Անոր ի՞նչ կրնանք ընել»։ Գէեզին ըսաւ. «Իրաւցնէ անիկա զաւակ չունի ու անոր այրը ծերացեր է»։ 15 Եղիսէ ըսաւ. «Զանիկա կանչէ»։ Կինը եկաւ ու դրանը մէջ կեցաւ։ 16 Ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գալ տարի այս ատեն գիրկդ որդի մը պիտի ունենաս»։ Կինը ըսաւ. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ, մարդ Աստուծոյ, քու աղախինիդ սուտ մի՛ խօսիր»։ 17 Բայց կինը յղացաւ ու հետեւեալ տարին նոյն ատենը որդի մը ծնաւ, ինչպէս Եղիսէ անոր ըսեր էր։

18 Տղան մեծցաւ։ Օր մը իր հօրը գնաց հնձողներուն քով։ 19 Իր հօրը ըսաւ. «Գլո՜ւխս, գլո՜ւխս»։ Ան ալ իր ծառային ըսաւ. «Ասիկա իր մօրը տար»։ 20 Ծառան մանչը վերցուց ու անոր մօրը տարաւ։ Տղան մինչեւ կէսօր մօրը ծունկերուն վրայ նստաւ ու մեռաւ։ 21 Կինը վեր ելաւ ու զանիկա Աստուծոյ մարդուն անկողնին մէջ պառկեցուց ու դուռը վրայէն գոցեց։ 22 Ապա իր այրը կանչեց ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ինծի մանչերէն մէկուն հետ էշ մը ղրկէ, որպէս զի շուտով մինչեւ Աստուծոյ մարդուն քով երթամ ու ետ դառնամ»։ 23 Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչ կայ, որ դուն այսօր անոր պիտի երթաս. ամսագլուխ չէ, շաբաթ չէ»։ Կինը ըսաւ. «Ողջութիւն»։ 24 Այն ատեն էշը պատրաստել տուաւ եւ ծառային ըսաւ. «Քշէ՛ ու մինչեւ որ քեզի չըսեմ, քշելէն ետ մի՛ կենար ինծի համար»։ 25 Կարմեղոս լեռը երթալով, Աստուծոյ մարդուն քով գնաց։ Երբ Աստուծոյ մարդը զանիկա տեսաւ, իր ծառային Գէեզիին ըսաւ. «Ահա Սունամացի կինը կու գայ։ 26 Վազէ՛, դիմաւորէ՛ զանիկա ու անոր ըսէ. ‘Ողջ առո՞ղջ ես, այրդ ողջ առո՞ղջ է, տղան ողջ առո՞ղջ է’»։ 27 Կինը ըսաւ. «Ողջ առողջ ենք»։ Կինը լեռը Աստուծոյ մարդուն գնաց եւ անոր ոտքերուն փաթթուեցաւ։ Գէեզին մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա ետ քաշէ, բայց Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զանիկա, քանզի անոր սիրտը ցաւած է. բայց Տէրը ինձմէ պահեց ու ինծի չյայտնեց»։ 28 Կինը ըսաւ. Ես իմ տիրոջմէս որդի խնդրեցի՞. ես չըսի՞ թէ ‘Զիս մի՛ խաբեր’»։ 29 Եղիսէ Գէեզին ըսաւ. «Մէջքդ գօտի կապէ եւ իմ գաւազանս ձեռքդ առ ու գնա՛։ Եթէ մարդու մը հանդիպիս՝ անոր բարեւ մի՛ տար ու եթէ մարդ մը քեզի բարեւ տայ՝ պատասխան մի՛ տար եւ իմ գաւազանս տղուն երեսին վրայ դիր»։ 30 Իսկ տղուն մայրը ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ քեզ պիտի չթողում»։ Եղիսէ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ 31 Բայց Գէեզին անոնց առջեւ անցաւ ու գաւազանը տղուն երեսին վրայ դրաւ, սակայն ո՛չ ձայն կար եւ ո՛չ զգացում. ուստի մարգարէն դիմաւորելու դարձաւ եւ անոր պատմեց ու ըսաւ. «Տղան չարթնցաւ»։ 32 Ու երբ Եղիսէ տունը մտաւ, տեսաւ տղան մեռած ու իր անկողնին վրայ պառկած։ 33 Ներս մտնելով՝ իրենց վրայէն դուռը գոցեց եւ Տէրոջը աղօթք ըրաւ 34 Ու ելաւ տղուն վրայ պառկեցաւ եւ իր բերանը անոր բերնին վրայ ու իր աչքերը անոր աչքերուն վրայ ու իր թաթերը անոր թաթերուն վրայ դրաւ եւ անոր վրայ կծկուեցաւ ու տղուն մարմինը տաքցաւ։ 35 Դարձաւ անգամ մը այս կողմ, անգամ մը այն կողմը պտըտեցաւ ու կրկին ելաւ անոր վրայ կծկուեցաւ եւ տղան եօթը անգամ փռնգտաց ու աչքերը բացաւ։ 36 Այն ատեն Գէեզին կանչեց ու ըսաւ. «Սունամացի կինը կանչէ»։ Զանիկա կանչեց։ Կինը անոր եկաւ ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Տղադ ա՛ռ»։ 37 Կինը ներս մտնելով՝ անոր ոտքերը ինկաւ ու գետնէն խոնարհութիւն ըրաւ եւ իր տղան առնելով դուրս ելաւ։

ԵՐԿՈՒ ՀՐԱՇՔՆԵՐ

38 Եղիսէ Գաղգաղա դարձաւ։ Այն երկրին մէջ սով կար ու մարգարէներուն որդիները անոր առջեւ կը նստէին ու անիկա իր ծառային ըսաւ. «Մեծ կաթսան կրակին վրայ դիր եւ մարգարէներուն որդիներուն ապուր եփէ»։ 39 Մէկը դաշտը ելաւ, որպէս զի խոտ հաւաքէ ու վայրենի տունկ մը գտաւ եւ անկէ հանդերձը լեցուն վայրենի վարունգ հաւաքեց ու բերաւ զանոնք ապուրին կաթսային մէջ մանրեց, քանզի չէր ճանչնար։ 40 Այն մարդոց առջեւ դրին, որպէս զի ուտեն։ Երբ այն ապուրէն կերան՝ պոռալով ըսին. «Կաթսային մէջ մահ կայ, ո՛վ մարդ Աստուծոյ» ու չկրցան ուտել։ 41 Եւ անիկա ըսաւ. «Ալիւր բերէք»։ Զանիկա կաթսային մէջ նետեց ու ըսաւ. «Ժողովուրդին առջեւ դիր, որպէս զի ուտեն»։ Այն ատեն կաթսային մէջ վնասակար բան մը չկար։

42 Բահաղ–Սաղիսայէն մարդ մը եկաւ ու Աստուծոյ մարդուն երախայրիներէ շինուած հացեր, քսան հատ գարեղէն հաց ու թարմ հասկեր բերաւ իր պարկովը։ Եղիսէ ըսաւ. «Ժողովուրդին տուր, որպէս զի ուտեն»։ 43 Անոր ծառան ըսաւ. «Այս ի՞նչ է որ հարիւր մարդոց առջեւ դնեմ»։ Բայց Եղիսէ ըսաւ. «Ժողովուրդին տո՛ւր, որպէս զի ուտեն, քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Պիտի ուտեն ու պիտի աւելնայ’»։ 44 Եւ անոնց առջեւ դրաւ ու կերան ու Տէրոջը ըսածին պէս աւելցաւ։

ՆԷԵՄԱՆ ԿԸ ԲՈՒԺՈՒԻ

1 Ասորիներու թագաւորին զօրագլուխը Նէեման իր տիրոջը առջեւ մեծ ու յարգելի մարդ մըն էր, քանզի Տէրը անոր ձեռքով Ասորիներուն փրկութիւն տուեր էր։ Այս մարդը զօրաւոր կտրիճ մըն էր, բայց բորոտ էր։ Ասորիներուն գունդերը ելլելով՝ Իսրայէլի երկրէն պզտիկ աղջիկ մը գերի առեր էին։ Անիկա Նէեմանին կնոջ քովն էր։ Անիկա իր տիկնոջ ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ տէրս Սամարիա եղող մարգարէին քով ըլլար, այն ատեն զանիկա իր բորոտութենէն կը բժշկէր»։ Նէեման գնաց իր տիրոջը պատմեց ու ըսաւ. «Իսրայէլի երկրէն եղող աղջիկը այսպէս ու այսպէս խօսեցաւ»։ Ասորիներու թագաւորը ըսաւ. «Գնա՛ ուրեմն, ես Իսրայէլի թագաւորին նամակ կը ղրկեմ»։ Անիկա գնաց։ Իր ձեռքը տասը տաղանդ արծաթ ու վեց հազար ոսկի ու տասը ձեռք փոխելու հանդերձ առաւ։ Իսրայէլի թագաւորին տարաւ նամակը, ուր այսպէս գրուած էր. «Արդ, երբ այս նամակը քեզի հասնի, գիտցած ըլլաս որ իմ ծառաս Նէեմանը քեզի կը ղրկեմ, որպէս զի զանիկա իր բորոտութենէն բժշկես»։ Երբ Իսրայէլի թագաւորը նամակը կարդաց՝ իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Միթէ ես մեռցնելու ու ապրեցնելու կարողութիւն ունեցող Աստուա՞ծն եմ, որ ասիկա ինծի մարդ մը ղրկեր է՝ իր բորոտութենէն բժշկելու համար. ուստի աղէկ գիտցէք ու տեսէք, որ անիկա կռիւի պատճառ կը փնտռէ»։

Երբ Աստուծոյ մարդը Եղիսէ լսեց՝ որ Իսրայէլի թագաւորը իր հանդերձները պատռեր է, թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ հանդերձներդ պատռեցիր. թող անիկա ինծի գայ ու գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ մարգարէ կայ»։ Նէեման իր ձիերովն ու կառքովը գնաց ու Եղիսէի տանը դուռը կայնեցաւ։ 10 Եղիսէ մարդ մը ղրկեց անոր՝ ըսելով. «Գնա՛ Յորդանանի մէջ եօթը անգամ լուացուէ՛. մարմինդ քեզի պիտի դառնայ ու պիտի մաքրուիս»։ 11 Նէեման բարկացաւ ու գնաց՝ ըսելով. «Ահա ես կը կարծէի թէ անիկա անտարակոյս իմ քովս պիտի գայ ու կայնի եւ իր Եհովա Աստուծոյն անունը պիտի կանչէ ու ձեռքը այն տեղին վրայ պիտի երերցնէ ու բորոտութիւնը բժշկէ։ 12 Դամասկոսի Աբանա ու Փարփար գետերը Իսրայէլի բոլոր ջուրերէն աղէկ չե՞ն. միթէ չե՞մ կրնար անոնց մէջ լուացուիլ ու մաքրուիլ»։ Եւ դարձաւ բարկութիւնով գնաց։ 13 Իսկ անոր ծառաները մօտեցան ու անոր խօսեցան՝ ըսելով. «Ո՛վ հայր, եթէ մարգարէն քեզի մեծ բան մը ըսէր՝ պիտի չընէի՞ր. ո՞ւր մնաց որ անիկա քեզի ‘Լուացուէ ու պիտի մաքրուիս’, ըսաւ»։ 14 Այն ատեն անիկա իջաւ ու Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ եօթը անգամ Յորդանանի մէջ լուացուեցաւ ու անոր մարմինը պզտիկ տղու մը մարմնին պէս եղաւ ու մաքրուեցաւ։

15 Անիկա իր բոլոր բանակովը Աստուծոյ մարդուն դարձաւ ու գնաց անոր առջեւ կեցաւ ու ըսաւ. «Ահա հիմա գիտցայ թէ ոեւէ երկրի վրայ Աստուած չկայ, բայց միայն Իսրայէլի մէջ. ուստի հիմա, կ’աղաչեմ, քու ծառայէդ ընծայ մը ընդունէ»։ 16 Բայց Եղիսէ ըսաւ. «Տէ՛րը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է որ պիտի չընդունիմ»։ Նէեման ստիպեց որ ընդունի, բայց անիկա չհաճեցաւ։ 17 Ու Նէեման ըսաւ. «Ուրեմն քու ծառայիդ այս երկրին հողէն երկու ջորիի բեռ հող տուր. քանզի քու ծառադ անգամ մըն ալ ուրիշ աստուածներու ողջակէզ կամ զոհ պիտի չընէ, բայց միայն Եհովային։ 18 Տէրը այս բանին համար քու ծառայիդ թողութիւն թող տայ, այսինքն երբ իմ տէրս Ռեմօնին տունը մտնէ հոն երկրպագութիւն ընելու համար եւ անոր իմ ձեռքիս վրայ կռթնելովը, ես ալ Ռեմօնի տանը մէջ ծռիմ, այս բանին, այսինքն Ռեմօնին տանը մէջ իմ ծռելուս համար Տէրը քու ծառայիդ թողութիւն թող տայ»։ 19 Մարգարէն անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ» եւ անիկա անոր քովէն գնաց։ Բայց երբ քիչ մը հեռացաւ, 20 Աստուծոյ մարդուն Եղիսէին ծառան Գէեզին ըսաւ. «Ահա իմ տէրս այս Ասորի Նէեմանին խնայեց ու անոր ձեռքէն անոր բերածը չառաւ. Տէրը կենդանի է որ ես անոր ետեւէն պիտի վազեմ եւ անկէ բան մը պիտի առնեմ»։ 21 Գէեզի Նէեմանին ետեւէն վազեց։ Նէեման, երբ տեսաւ թէ ծառան իր ետեւէն կը վազէ, իր կառքէն վար իջաւ զանիկա դիմաւորելու ու ըսաւ. «Ողջութի՞ւն է»։ 22 Անիկա ըսաւ. «Ողջութիւն է. իմ տէրս զիս ղրկեց ու ըսաւ. «Ահա հիմա Եփրեմին լեռնէն մարգարէներու որդիներէն երկու պատանի եկան ինծի. շնորհք ըրէ, անոնց համար տաղանդ մը արծաթ ու երկու ձեռք փոխելու հանդերձ տուր»։ 23 Նէեման ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, երկու տաղանդ ա՛ռ»։ Զանիկա բռնադատեց ու երկու պարկի մէջ երկու տաղանդ արծաթ դրաւ ու երկու ձեռք ալ փոխելու հանդերձ ծրարեց եւ իր ծառաներէն երկուքին տուաւ, որոնք անոր առջեւէն տարին։ 24 Ու երբ բլուրը եկաւ՝ անոնց ձեռքէն առաւ ու տանը մէջ պահեց եւ այն մարդիկը ճամբեց ու գացին։ 25 Ինք ներս գնաց իր տիրոջը առջեւ կեցաւ։ Եղիսէ անոր ըսաւ. «Ո՛վ Գէեզի, ուրկէ՞ կու գաս»։ Անիկա ըսաւ. «Ծառադ տեղ մը չգնաց»։ 26 Եղիսէ ըսաւ անոր. «Երբ այն մարդը իր կառքէն քեզ դիմաւորելու դարձաւ, միթէ իմ հոգիս հոն չէ՞ր ու հիմա արծաթ առնելու եւ հանդերձներ ու ձիթենիներ եւ այգիներ ու ոչխարներ եւ արջառներ ու ծառաներ եւ աղախիններ առնելու ատե՞նն է։ 27 Ուրեմն Նէեմանի բորոտութիւնը քեզի ու սերունդիդ թող փակչի յաւիտեան»։ Անիկա անոր առջեւէն ձիւնի պէս բորոտ դուրս ելաւ։

ՏԱՊԱՐԻՆ ԳԼՈՒԽԻՆ ԳՏՆՈՒԻԼԸ

1 Մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ըսին. «Ահա այս տեղը, որ մենք քու առջեւդ կը նստինք, մեզի նեղ է։ Երթանք ուրեմն մինչեւ Յորդանան ու այնտեղէն ամէն մէկս մէկ–մէկ գերան առնենք ու հոն մեզի բնակելու տեղ շինենք»։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք»։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ եկուր» եւ անիկա «Կու գամ», ըսաւ։ Ու անոնց հետ գնաց։ Յորդանան հասնելով ծառեր կտրեցին։ Երբ մէկը գերան մը կը կտրէր, տապարին երկաթը ջուրին մէջ ինկաւ, ուստի անիկա պոռալով՝ ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, կացինը փոխ առնուած էր»։ Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Ո՞ւր ինկաւ»։ Անիկա այն տեղը ցուցուց անոր։ Եղիսէ փայտ մը կտրեց ու հոն նետեց ու երկաթը ջուրին երեսը ելաւ Եւ անոր ըսաւ. «Զանիկա վերցո՛ւր»։ Ան ալ ձեռքը երկնցուց ու կացինը առաւ։

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ

Անգամ մը, երբ Ասորիներուն թագաւորը Իսրայէլի դէմ պատերազմ կ’ընէր, իր ծառաներուն հետ խորհուրդ ըրաւ ու ըսաւ. «Այս ինչ կամ այն ինչ տեղը բանակ դնեմ»։ Աստուծոյ մարդը Իսրայէլի թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Զգուշացի՛ր, որ այն տեղէն չանցնիս, վասն զի Ասորիները հոն իջած են»։ 10 Իսրայէլի թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսած տեղը մարդ ղրկելով տեղեկացաւ եւ անկէ զգուշացաւ շատ անգամ։ 11 Այս բանին համար Ասորիներու թագաւորին սիրտը նեղանալով՝ իր ծառաները կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք յայտներ ինծի թէ մերիններէն ո՞վ կայ, որ Իսրայէլի թագաւորին լուր կը ղրկէ»։ 12 Ծառաներէն մէկը ըսաւ. «Չկայ այդպիսի մէկը, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, հապա Իսրայէլի մէջ եղող Եղիսէ մարգարէն՝ քու պառկելու սենեակիդ մէջ խօսած խօսքերդ Իսրայէլի թագաւորին կը յայտնէ»։ 13 Եւ թագաւորը ըսաւ. «Գացէ՛ք ու անոր ուր ըլլալը իմացէք, որպէս զի զանիկա բռնել տամ»։ Անոր յայտնեցին ու ըսին. «Ահա անիկա Դօթայիմի մէջ է»։

14 Ուստի թագաւորը ձիեր ու կառքեր եւ բազմաթիւ զօրքեր ղրկեց հոն, որոնք գիշերով գացին եւ քաղաքը պաշարեցին։ 15 Աստուծոյ մարդուն ծառան առաւօտուն կանուխ ելաւ ու դուրս գնաց եւ ահա զօրքեր, ձիեր ու կառքեր քաղաքը պաշարեր էին ու ծառան տիրոջը ըսաւ. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, ի՞նչ ընենք»։ 16 Եղիսէ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։ 17 Եղիսէ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոր աչքերը բաց, որպէս զի տեսնէ»։ Տէրը ծառային աչքերը բացաւ ու տեսաւ որ ահա լեռը Եղիսէին չորս կողմը հրեղէն ձիերով ու կառքերով լեցուն էր։ 18 Երբ անոնք Եղիսէի քով իջան՝ Եղիսէ Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, այս ազգը կուրութեամբ զարկ»։ Տէրը զանոնք կուրութեամբ զարկաւ Եղիսէի խօսքին համեմատ։ 19 Այն ատեն Եղիսէ անոնց ըսաւ. «Ճամբան այս չէ ու քաղաքը ասիկա չէ, ետեւէս եկէք, որպէս զի ձեզ ձեր փնտռած մարդուն տանիմ» եւ զանոնք Սամարիա տարաւ։ 20 Ու երբ Սամարիա եկան, Եղիսէ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոնց աչքերը բաց, որպէս զի տեսնեն»։ Տէրը անոնց աչքերը բացաւ ու տեսան եւ ահա Սամարիայի մէջ էին։

21 Իսրայէլի թագաւորը զանոնք տեսնելով՝ Եղիսէին ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, զարնե՞մ, զարնե՞մ»։ 22 Անիկա ըսաւ. «Մի՛ զարներ. միթէ քու սրովդ ու աղեղովդ գերի բռնածներդ կը զարնե՞ս. անոնց առջեւ հաց ու ջուր դիր, որպէս զի ուտեն, խմեն ու իրենց տիրոջը երթան»։ 23 Անոնց մեծ կոչունք մը ըրաւ։ Կերան խմեցին։ Զանոնք ետ ղրկեց։ Անոնք իրենց տիրոջը գացին։ Ասորիներու գունդերը անգամ մըն ալ Իսրայէլի երկիրը չեկան։

ՍԱՄԱՐԻԱՑԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ

24 Անկէ ետքը Ասորիներու Բենադադ թագաւորը իր բոլոր բանակը հաւաքեց ու ելաւ Սամարիան պաշարեց։ 25 Սամարիայի մէջ մեծ սով եղաւ, քանզի զանիկա պաշարեր էին, այնպէս որ մէկ իշու գլուխը ութսուն սիկղ արծաթի ու աղաւնիի աղբին մէկ կապիճին մէկ չորրորդ մասը հինգ սիկղ արծաթի ծախուեցաւ։ 26 Երբ Իսրայէլի թագաւորը պարսպին վրայէն կ’անցնէր, կին մը անոր աղաղակեց ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, օգնէ ինծի»։ 27 Անիկա ըսաւ. «Եթէ Տէրը քեզի չօգնէ, ես քեզի ուրկէ՞ օգնեմ, կալէ՞ն թէ հնձանէն»։ 28 Ու թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Այս կինը ինծի ըսաւ թէ ‘Քու տղադ տուր ու այսօր զանիկա ուտենք եւ իմ տղաս վաղը ուտենք’։ 29 Ուստի իմ տղաս եփեցինք եւ զանիկա կերանք։ Երկրորդ օրը անոր ըսի. ‘Տղադ տուր, որպէս զի ուտենք’, բայց անիկա իր տղան պահեց»։ 30 Թագաւորը այն կնոջ խօսքը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց ու պարսպին վրայէն անցած ատենը՝ ժողովուրդը տեսաւ որ ահա ներսէն անոր մարմնին վրայ քուրձ կար։ 31 Անիկա ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ այսօր Սափատեան Եղիսէին գլուխը իր վրայ մնայ»։ 32 Եղիսէ իր տունը կը նստէր ու ծերերը անոր հետ կը նստէին։ Թագաւորը իր առջեւէն մարդ մը ղրկեց անոր ու պատգամաւորը դեռ չեկած՝ Եղիսէ ծերերուն ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք որ այս մարդասպանին որդին գլուխս առնելու մարդ ղրկեց. նայեցէ՛ք, այն մարդը եկածին պէս դուռը գոցեցէ՛ք ու զանիկա դրանը քով բռնեցէ՛ք. միթէ անոր տիրոջը ոտքերուն ձայնը անոր ետեւէն չէ՞»։ 33 Երբ անոնց հետ կը խօսէր, այն պատգամաւորը անոր քով իջաւ ու ըսաւ. «Ահա այս չարիքը Տէրոջմէն է. ա՛լ ասկէ յետոյ Տէրոջմէն ի՞նչ պիտի յուսամ»։

1 Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Վաղը այս ատեն Սամարիայի դրանը մէջ մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղ արծաթի ու երկու գրիւ գարին մէկ սիկղի պիտի ծախուի’»։ Եւ այն զօրապետը, որուն ձեռքին վրայ թագաւորը կը կռթնէր, Աստուծոյ մարդուն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ Տէրը երկինքը պատուհաններ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալո՞ւ բան է»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն քու աչքերովդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ

Դրանը առջեւ չորս բորոտ մարդիկ կային։ Անոնք իրարու ըսին. «Ինչո՞ւ հոս նստինք մինչեւ որ մեռնինք. Եթէ քաղաքը մտնենք, քաղաքին մէջ սով կայ ու հոն պիտի մեռնինք։ Եթէ հոս մնանք, նոյնպէս պիտի մեռնինք. ուրեմն եկէք Ասորիներուն բանակը դիմենք. եթէ մեզ ողջ թողուն՝ կ’ապրինք, եթէ մեզ մեռցնեն՝ կը մեռնինք»։ Եւ մութ ատեն ելան, որպէս զի Ասորիներու բանակը երթան ու մինչեւ բանակին ծայրը գացին, բայց հոն մարդ մը չկար. Քանզի Տէրը Ասորիներու բանակին մէջ կառքերու ձայն ու ձիերու ձայն, մեծ զօրքի մը ձայն լսել տուաւ եւ իրարու ըսին. «Ահա Իսրայէլի թագաւորը Քետացիներուն թագաւորն ու Եգիպտացիներու թագաւորները վարձքով բռնեց, որպէս զի մեր վրայ գան»։ Ու ելան մութին փախան։ Իրենց վրաններն ու ձիերն ու էշերը եւ բանակը եղածին պէս թողուցին ու իրենց անձը ապրեցնելու համար փախան։ Այս բորոտները մինչեւ բանակին ծայրը գացին ու վրան մը մտնելով կերան ու խմեցին եւ անկէ արծաթ ու ոսկի ու հանդերձներ վերցուցին ու տարին պահեցին ու ետ դառնալով՝ ուրիշ վրան մը մտան եւ անկէ ալ վերցուցին ու պահեցին։ Ետքը իրարու ըսին. «Աղէկ չէ մեր ըրածը. այսօր աւետեաց օր է ու մենք լուռ կեցեր ենք. եթէ մինչեւ առաւօտեան լոյսը սպասենք, մեր անօրէնութեանը պատիժը պիտի կրենք. ուստի եկէք երթանք ու թագաւորին տունը պատմենք»։ 10 Գացին քաղաքին դռնապանին պոռացին ու անոր պատմեցին ու ըսին. «Մենք Ասորիներուն բանակը մտանք եւ հոն մարդ կամ մարդու ձայն չկար, բայց միայն ձիերը կապուած ու էշերը կապուած ու վրաններն ալ այնպէս կեցեր են։ 11 Դռնապանները վազեցին ու թագաւորին իմացուցին։

12 Թագաւորը գիշերով ելաւ եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Ասորիներուն մեզի ըրած բանը ես ձեզի յայտնեմ։ Անոնք մեր անօթի ըլլալը գիտնալով՝ բանակէն ելած են ու դաշտին մէջ պահուած են՝ ըսելով. ‘Երբ անոնք քաղաքէն դուրս ելլեն՝ զանոնք ողջ բռնենք ու քաղաքը մտնենք’»։ 13 Անոր ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Թող այս ձիերէն հինգը առնեն, որոնք միայն մնացած են եւ հատնելու վրայ են բոլոր Իսրայէլի բազմութեանը պէս եւ հոն երթան ու տեսնեն»։ 14 Ուստի երկու կառք առին իրենց ձիերովը եւ թագաւորը Ասորիներու բանակին ետեւէն ղրկեց ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, նայեցէ՛ք»։ 15 Անոնք մինչեւ Յորդանան անոնց ետեւէն գացին եւ ահա բոլոր ճամբան լեցուն էր հանդերձներով ու ամաններով, որոնք Ասորիները արտորալով փախած ատեննին ձգեր էին։ Պատգամաւորները ետ դարձան ու թագաւորին պատմեցին։

16 Այն ատեն ժողովուրդը ելաւ ու Ասորիներուն բանակը կողոպտեց։ Տէրոջը խօսքին համեմատ մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղ արծաթի ու երկու գրիւ գարին մէկ սիկղի ծախուեցաւ։ 17 Թագաւորը դրանը վերակացու դրաւ այն զօրապետը, որուն ձեռքին վրայ ինք կը կռթնէր։ Ժողովուրդը դրանը մէջ զանիկա կոխկռտեցին ու մեռաւ, Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ, որ ըսեր էր՝ թագաւորին անոր քով իջած ատենը։ 18 Ու եղաւ այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ մարդը թագաւորին խօսեր էր՝ ըսելով. «Վաղը այս ատեն Սամարիայի դրանը մէջ երկու գրիւ գարին մէկ սիկղ արծաթի ու մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղի պիտի ծախուի»։ 19 Այն զօրապետը Աստուծոյ մարդուն պատասխան տուեր ու ըսեր էր. «Եթէ Տէրը երկինքը պատուհաններ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալո՞ւ բան է»։ Աստուծոյ մարդը ըսեր էր. «Ահա դուն քու աչքերովդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։ 20 Այդպէս եղաւ անոր, քանզի ժողովուրդը զանիկա դրանը մէջ կոխկռտեցին ու մեռաւ։

ՍԱՆԱՄԱՑԻ ԿԻՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

1 Եղիսէ խօսեցաւ այն կնոջ, որուն տղան ողջնցուցեր էր ու ըսաւ. «Ելի՛ր, դուն քու ընտանիքովդ գնա՛ եւ ուր որ կրնաս՝ հոն պանդխտութիւն ըրէ՛, վասն զի Տէրը սովը կանչեց եւ ահա պիտի գայ եօթը տարի այս երկրին վրայ մնալու»։ Այն կինը ելաւ ու Աստուծոյ մարդուն ըսածին պէս ըրաւ։ Ինք իր ընտանիքովը գնաց ու Փղշտացիներու երկրին մէջ եօթը տարի պանդխտութիւն ըրաւ։

Եօթը տարին լմննալէն ետքը՝ այն կինը Փղշտացիներուն երկրէն դարձաւ եւ իր տանը համար ու իր արտին համար թագաւորին բողոքելու գնաց։

Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ծառային Գէեզիին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Եղիսէին ըրած բոլոր մեծ գործերը ինծի պատմէ»։ Երբ անիկա թագաւորին կը պատմէր, թէ ի՛նչպէս անիկա մեռած տղան ողջնցուց, տեսաւ այն կինը, որուն տղան ողջնցուցեր էր եւ որ իր տանը համար եւ իր արտին համար թագաւորին կը բողոքէր։ Գէեզին ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, ա՛յս է այն կինը ու ա՛յս է անոր տղան, որ Եղիսէ ողջնցուց»։ Երբ թագաւորը կնոջ հարցուց, կինը անոր պատմեց։ Թագաւորը ներքինի մը տուաւ անոր ու ըսաւ. «Ասոր բոլոր ստացուածքը, նաեւ երկիրը ձգած օրէն մինչեւ հիմա իր արտին բոլոր արդիւնքը իրեն դարձուր»։

ԵՂԻՍԷ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԵՆԱԴԱԴ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Եղիսէ Դամասկոս գնաց։ Ասորիներու Բենադադ թագաւորը հիւանդացեր էր։ Թագաւորին պատմեցին ու ըսին թէ ‘Աստուծոյ մարդը հոս եկաւ’։ Թագաւորը Ազայէլին ըսաւ. «Ձեռքդ ընծայ ա՛ռ ու գնա՛ Աստուծոյ մարդը դիմաւորէ՛ ու անոր միջոցով Տէրոջը հարցուր թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ»։ Ազայէլ Եղիսէն դիմաւորելու գնաց ու ձեռքը ընծայ առաւ, այսինքն Դամասկոսի բոլոր բարիքներէն քառասուն ուղտ բեռնաւորուած։ Գնաց եւ անոր առջեւ կեցաւ ու ըսաւ. «Քու որդիդ Ասորիներու Բենադադ թագաւորը զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. ‘Արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ’»։ 10 Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛ անոր ըսէ՝ ‘Անշո՜ւշտ պիտի առողջանաս’. բայց Տէրը ինծի ցուցուց, որ անիկա պիտի մեռնի»։ 11 Աչքերը անթարթափ կերպով տնկեց, մինչեւ որ անիկա ամչցաւ։ Աստուծոյ մարդը լացաւ։ 12 Ազայէլ ըսաւ. «Իմ տէրս ինչո՞ւ կու լայ»։ Անիկա ըսաւ. «Անոր համար որ Իսրայէլի որդիներուն ընելու չարութիւնդ գիտեմ. անոնց ամրոցները կրակով պիտի այրես ու անոնց կտրիճները սրով պիտի մեռցնես եւ անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնես ու յղի կիները պիտի ճեղքես»։ 13 Ազայէլ ըսաւ. «Ո՞վ է քու ծառադ, շո՞ւն մը, որ այդ մեծ բաները ընէ»։ Ու Եղիսէ ըսաւ. «Տէրը ինծի ցուցուց, որ դուն Ասորիներուն վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս»։ 14 Անիկա Եղիսէին քովէն ելաւ ու իր տիրոջը գնաց։ Թագաւորը հարցուց. «Եղիսէն քեզի ի՞նչ ըսաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Եղիսէն ըսաւ թէ անշուշտ պիտի առողջանայ»։ 15 Հետեւեալ օրը Ազայէլ հաստ լաթ մը առաւ, ջուրը թաթխեց ու անոր երեսին վրայ փռեց եւ անիկա մեռաւ։ Ազայէլ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎՐԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 21։1-20)

16 Իսրայէլի թագաւորին Աքաաբեան Յովրամին հինգերորդ տարին, երբ Յովսափատ դեռ Յուդայի վրայ կը թագաւորէր, Յուդայի Յովսափատ թագաւորին որդին՝ Յովրամ թագաւոր եղաւ։ 17 Անիկա երեսունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ ութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 18 Ասիկա Աքաաբին տանը ըրածին պէս՝ Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբան բռնեց. քանզի Աքաաբին աղջիկը ասոր կին եղաւ ու Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ 19 Սակայն Տէրը Յուդան կորսնցնել չուզեց՝ իր Դաւիթ ծառային սիրոյն համար, ինչպէս անոր խօսք տուեր էր, որ թէ՛ անոր եւ թէ՛ անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տայ։

20 Ասոր օրերը Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։ 21 Յովրամ իր բոլոր կառքերը իրեն հետ առաւ ու Սայիր անցաւ եւ գիշերով ելաւ ու իր չորս կողմը առնող Եդովմայեցիներն ու կառքերու իշխանները զարկաւ եւ ժողովուրդը իրենց վրանները փախան։ 22 Բայց Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Լեբնա ալ ապստամբեցաւ։

23 Յովրամին մնացորդ պատմութիւնն ու բոլոր ըրածները ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 24 Յովրամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ եւ անոր որդին Ոքոզիա անոր տեղը թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 22։1-6)

25 Իսրայէլի Աքաաբեան Յովրամ թագաւորին տասնըերկրորդ տարին Յուդայի Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիան թագաւոր եղաւ։ 26 Ոքոզիա քսանըերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Գոթողիա էր, որ Իսրայէլի Ամրի թագաւորին աղջիկն էր։ 27 Անիկա Աքաաբին տանը ճամբուն մէջ քալեց ու Աքաաբին տանը պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, քանզի Աքաաբին տանը փեսան էր։ 28 Անիկա Աքաաբեան Յովրամին հետ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ–Գաղաադ գնաց պատերազմելու համար։ Ասորիները Յովրամը վիրաւորեցին։ 29 Եւ Յովրամ թագաւորը դարձաւ, որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները անոր տուեր էին Ռամովթի մէջ՝ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը։ Յուդայի թագաւորը Յովրամին որդին Ոքոզիան Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբին որդին Յովրամը տեսնելու համար. քանզի անիկա հիւանդ էր։

ՅԷՈՒՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ՕԾՈՒԻ

1 Եղիսէ մարգարէն մարգարէներու որդիներէն մէկը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Գօտիդ մէջքդ կապէ՛ ու այս իւղին շիշը ձեռքդ ա՛ռ եւ Ռամովթ–Գաղաադ գնա՛։ Երբ հոն երթաս՝ Նամեսսեան Յովսափատին որդին Յէուն գտիր ու մտնելով՝ զանիկա իր եղբայրներուն մէջէն ա՛ռ եւ ներքին սենեակ մը տար Ու իւղին շիշը ա՛ռ եւ անոր գլխուն վրայ թափէ՛ ու ըսէ՛. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի»’ ու դուռը բա՛ց ու փախիր, մի՛ ուշանար»։ Այն պատանին, նորահասակ մարգարէն, Ռամովթ–Գաղաադ մնաց։

Երբ հոն հասաւ, տեսաւ զօրքերու իշխանները, որոնք նստեր էին։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛վ իշխան, քեզի խօսք մը ունիմ»։ Ու Յէու ըսաւ. «Մեզմէ որո՞ւ»։ Անիկա ըսաւ. «Քեզի՛, ո՛վ իշխան»։ Յէու ելաւ, ներս մտաւ ու անիկա իւղը անոր գլխուն վրայ թափեց ու ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Տէրոջը ժողովուրդին, Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի. Քու տիրոջդ Աքաաբին տունը պիտի զարնես, որպէս զի իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ արիւնին ու Տէրոջը բոլոր ծառաներուն արիւնին վրէժը առնեմ Յեզաբէլէն։ Աքաաբին բոլոր տունը բնաջինջ պիտի ըլլայ եւ Աքաաբին բոլոր այր մարդիկն ու Իսրայէլի մէջի գերին ու ազատը պիտի կորսնցնեմ։ Աքաաբին տունը Նաբատի որդիին Յերոբովամին տանը պէս ու Աքիային որդիին Բաասային տանը պէս պիտի ընեմ։ 10 Յեզրայէլի ագարակին մէջ շուները Յեզաբէլը պիտի ուտեն ու զանիկա թաղող պիտի չըլլայ։ Ետքը դուռը բացաւ ու փախաւ։

11 Յէու իր տիրոջը ծառաներուն ելաւ, որոնք ըսին. «Ողջութի՞ւն է. այդ անմիտը ինչո՞ւ քեզի եկաւ»։ Յէու անոնց ըսաւ. «Դուք այն մարդն ու անոր խօսքերը գիտէք»։ 12 Անոնք ըսին. «Շիտակ չէ, պատմէ մեզի հիմա»։ Ան ալ ըսաւ. «Անիկա ինծի այսպէս ու այսպէս խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի»’։ 13 Այն ատեն շուտով ամէն մարդ իր հանդերձը առաւ ու սանդուխին գլխուն վրայ անոր տակ դրին ու փող հնչեցնելով ըսին. «Յէու թագաւոր եղաւ»։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅՈՎՐԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ

14 Այսպէս՝ Նամեսսեան Յովսափատին որդին Յէու Յովրամին դէմ գլուխ վերցուց։ (Իսկ Յովրամ բոլոր Իսրայէլին հետ Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին դէմ Ռամովթ–Գաղաադը կը պահպանէր. 15 Սակայն Յովրամ թագաւորը Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը Ասորիներուն տուած վէրքերէն առողջանալու համար Յեզրայէլ դարձեր էր։) Յէու ըսաւ. «Եթէ կը հաճիք, մի՛ թողուք, որ փախստական մը այս քաղաքէն դուրս ելլէ ու երթայ այս բանը Յեզրայէլի մէջ պատմէ»։

16 Յէու իր կառքը նստաւ Յեզրայէլ գնաց, քանզի Յովրամ հոն պառկած էր։ Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը Յովրամը տեսնելու իջեր էր։ 17 Յեզրայէլի մէջ աշտարակին վրայ դէտ մը կայներ էր, որ Յէուին գունդին գալը տեսնելով՝ ըսաւ. «Ես գունդ մը կը տեսնեմ»։ Յովրամ ըսաւ. «Ձիաւոր մը անոնց դէմ ղրկէ ու թող ըսէ՝ ‘Խաղաղութի՞ւն է’»։ 18 Ձիաւորը զանիկա դիմաւորելու գնաց ու ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Խաղաղութի՞ւն է’»։ Յէու ըսաւ. «Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետի՛ս անցիր»։ Դէտը պատմեց ու ըսաւ. «Պատգամաւորը մինչեւ անոնց քով գնաց, բայց չդարձաւ»։ 19 Ուրիշ ձիաւոր մը ղրկեց։ Անիկա ալ անոնց գնաց ու ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Խաղաղութի՞ւն է’»։ Յէու ըսաւ. «Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետի՛ս անցիր»։ 20 Ու դէտը պատմեց ու ըսաւ. «Մինչեւ անոնց քով գնաց ու չդարձաւ, բայց այս ընթացքը Նամեսսեան Յէուին ընթացքին կը նմանի, քանզի կատաղաբար կը քշէ»։

21 Այն ատեն Յովրամ ըսաւ. «Կառքը պատրաստէ՛»։ Անոր կառքը պատրաստեցին։ Իսրայէլի թագաւորը Յովրամ ու Յուդայի թագաւորը Ոքոզիա, ամէն մէկը իր կառքովը Յէուն դիմաւորելու ելան ու զանիկա Յեզրայելացի Նաբովթին ագարակին մէջ գտան։ 22 Յովրամ Յէուն տեսնելուն պէս ըսաւ. «Ո՛վ Յէու, խաղաղութի՞ւն է»։ Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչպէս խաղաղութիւն ըլլայ, քանի որ քու մօրդ Յեզաբէլին պոռնկութիւններն ու կախարդութիւնները կը շատնան»։ 23 Յովրամ ձեռքերը դարձուց ու փախաւ ու Ոքոզիային ըսաւ. «Ո՛վ Ոքոզիա, դաւաճանութիւն կայ»։ 24 Յէու իր աղեղը ուժով քաշեց ու Յովրամը ուսերուն մէջտեղէն զարկաւ։ Նետը անոր սրտէն ելաւ եւ անիկա իր կառքին մէջ կծկուեցաւ։ 25 Յէու իր զօրագլուխին Բադեկարին ըսաւ. «Ասիկա վերցո՛ւր, Յեզրայելացի Նաբովթին կալուածին մէջ նետէ. քանզի միտքդ բեր թէ՝ երբ ես ու դուն անոր հօրը Աքաաբին ետեւէն ձիերու վրայ հեծած՝ քովէ քով կ’երթայինք, Տէրը անոր դէմ այս վճիռը տուաւ։ 26 ‘Թէ իրաւցնէ երէկ Նաբովթի արիւնն ու անոր որդիներուն արիւնը տեսայ ու քեզի այս ագարակին մէջ պիտի հատուցանեմ, կ’ըսէ Տէրը։ Անոր համար հիմա վերցո՛ւր զանիկա, այս ագարակին մէջ նետէ՛, Տէրոջը ըսածին պէս»։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՍՊԱՆՈՒԻ

27 Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը այս բանը տեսնելով՝ պարտէզի տանը ճամբայէն փախաւ։ Յէու անոր ետեւէն իյնալով՝ ըսաւ. «Ասիկա ալ կառքին վրայ զարկէք»։ Այս եղաւ Յեբղաամի քով եղող Գուր բլուրին վրայ։ Ան Մակեդդով փախաւ ու հոն մեռաւ։ 28 Անոր ծառաները զանիկա կառքով Երուսաղէմ տարին ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը իր գերեզմանին մէջ իր հայրերուն հետ թաղեցին։

29 Եւ Ոքոզիա Աքաաբի որդիին Յովրամին տասնըմէկերորդ տարին Յուդայի վրայ թագաւոր եղեր էր։

ՅԵԶԱԲԷԼ ԹԱԳՈՒՀԻՆ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ

30 Յէու Յեզրայէլ եկաւ ու երբ Յեզաբէլ լսեց՝ իր աչքերուն ծարոյր դրաւ եւ իր գլուխը զարդարեց ու պատուհանէն նայեցաւ։ 31 Երբ Յէու դռնէն ներս կը մտնէր, անիկա ըսաւ. «Միթէ իր տէրը մեռցնող Զամբրի յաջողութի՞ւն գտաւ»։ 32 Յէու իր երեսը դէպի պատուհանը վերցուց ու ըսաւ. «Ինծի հետ ո՞վ կայ, ո՞վ»։ Երկու երեք ներքինիներ իրեն նայեցան։ 33 Այն ատեն ըսաւ. «Զանիկա վա՛ր նետեցէք»։ Զանիկա վար նետեցին։ Անոր արիւնէն պատին ու ձիերուն վրայ ցատկեց ու անոնք կոխկռտեցին զանիկա։ 34 Ան ներս մտաւ ու կերաւ խմեց ու ըսաւ. «Հիմա այս անիծուած կնոջ հո՛գ տարէք ու զանիկա թաղեցէ՛ք, քանզի թագաւորի աղջիկ է»։ 35 Զանիկա թաղելու գացին. բայց անոր գանկէն ու ոտքերէն ու ձեռքերուն թաթերէն զատ ուրիշ բան մը չգտան։ 36 Եւ դարձան Յէուին պատմեցին։ Ան ըսաւ. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ իր ծառային Թեզբացի Եղիային միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Յեզաբէլին մարմինը Յեզրայէլի ագարակին մէջ շուները պիտի ուտեն 37 Ու Յեզաբէլի դիակը Յեզրայէլի ագարակին մէջ՝ արտի երեսի վրայ եղող աղբի պէս պիտի ըլլայ, այնպէս որ չըսուի թէ «Ասիկա Յեզաբէլն է»’»։

ԱՔԱԱԲԻՆ ՍԵՐՈՒՆՇԸ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ

10 1 Աքաաբ Սամարիայի մէջ եօթանասուն որդի ունէր։ Յէու նամակ մը գրեց եւ Սամարիա ղրկեց Յեզրայէլի իշխաններուն ու ծերերուն եւ Աքաաբի որդիներուն հոգաբարձուներուն ու ըսաւ. «Երբ այս նամակը ձեզի հասնի, ահա ձեր տիրոջ որդիները ձեր քով են ու կառքեր ու ձիեր եւ պարսպապատ քաղաք ու զէնքեր ալ ունիք, Ուրեմն ձեր տիրոջ որդիներէն ո՛րը որ աղէկ ու յարմար կը դատէք՝ զանիկա իր հօրը աթոռին վրայ նստեցուցէ՛ք ու ձեր տիրոջ տանը համար պատերազմ ըրէ՛ք»։ Անոնք խիստ շատ վախցան ու ըսին. «Ահա երկու թագաւորներ չկրցան անոր առջեւ կենալ, մենք ի՞նչպէս պիտի կենանք»։ Եւ պալատին հազարապետն ու քաղաքապետը ու ծերերը եւ հոգաբարձուները Յէուին մարդ ղրկեցին ու ըսին. «Մենք քու ծառաներդ ենք ու մեզի ինչ որ հրամայես՝ պիտի ընենք. բնաւ մէկը թագաւոր պիտի չդնենք։ Քու աչքերուդ աղէկ երեւցածը ըրէ»։

Յէու անոնց նորէն նամակ գրեց՝ ըսելով. «Եթէ դուք ինծի հետ էք ու իմ խօսքիս մտիկ կ’ընէք, ձեր տիրոջ որդիներուն գլուխները առէ՛ք ու վաղը այս ատեն Յեզրայէլ եկէք»։ Թագաւորին որդիները եօթանասուն հոգի էին ու զիրենք մեծցնող քաղաքի մեծերուն քովն էին։ Նամակը անոնց հասածին պէս՝ թագաւորին որդիները բռնեցին ու եօթանասունն ալ մորթեցին եւ անոնց գլուխները կողովներու մէջ դրին եւ ղրկեցին Յեզրայէլ։ Երբ լրաբեր մը եկաւ ու անոր պատմեց՝ ըսելով. «Թագաւորին որդիներուն գլուխները բերին», անիկա ըսաւ. «Զանոնք մինչեւ առտու դրանը քով դրէք երկու դէզ ընելով»։ Առտուն դուրս ելաւ կայնեցաւ եւ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք արդար էք. ահա ես իմ տիրոջս դէմ գլուխ վերցուցի ու զանիկա մեռցուցի, բայց ասոնք ո՞վ մեռցուց։ 10 Հիմա գիտցէք թէ Տէրոջը խօսքէն բնաւ բան մը գետինը պիտի չիյնայ, որ Տէրը Աքաաբին տանը համար խօսեցաւ ու Տէրը իր ծառային Եղիային միջոցով ըսածը ըրաւ»։ 11 Յէու Յեզրայէլի մէջ Աքաաբին տունէն բոլոր մնացածներն ու անոր բոլոր մեծ նախարարները եւ մտերիմ բարեկամներն ու քուրմերը մեռցուց, այնպէս որ մնացորդ մը չթողուց։

ՈՔՈԶԻԱՅԻՆ ԱԶԳԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՌՑՈՒԻՆ

12 Անկէ ետքը ելաւ Սամարիա գնաց ու ճամբուն վրայ հովիւներու Բեթակադին հասնելով, 13 Յէու Յուդայի Ոքոզիա թագաւորին եղբայրները գտաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք ո՞վ էք»։ Անոնք ըսին. «Ոքոզիային եղբայրներն ենք։ Թագաւորին որդիներն ու թագուհիին որդիները ողջունելու իջանք»։ 14 Այն ատեն ան ըսաւ. «Ասոնք ողջ բռնեցէք»։ Զանոնք ողջ բռնեցին եւ Բեթակադի ջրհորին քով մեռցուցին զանոնք։ Քառասունըերկու հոգի էին ու անոնցմէ մէկը ողջ չթողուց։ 15 Անկէ գնաց ու Ռեքաբին որդին Յովնադաբը գտաւ։ Անոր բարեւ տուաւ ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ սիրտս քու սրտիդ հետ ուղիղ է, արդեօք քու սիրտդ ալ այնպէս ուղի՞ղ է» Յովնադաբ ըսաւ. «Այո՛»։ «Ուրեմն ձեռքդ տուր»։ Անիկա ձեռքը տուաւ։ Զանիկա կառքին մէջ իր քով առաւ 16 Եւ ըսաւ. «Ինծի հետ եկո՛ւր ու Տէրոջը համար ունեցած նախանձաւորութիւնս տես»։ Այսպէս անոր կառքը հեծցուցին զանիկա։ 17 Սամարիա գնաց ու Սամարիայի մէջ Աքաաբէն բոլոր մնացածները զարկաւ, մինչեւ որ զանիկա բնաջինջ ըրաւ՝ այն խօսքին համեմատ, որ Տէրը Եղիային խօսեր էր։

ԲԱՀԱՂԻ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ

18 Յէու բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց ու անոնց ըսաւ. «Աքաաբ Բահաղին քիչ ծառայութիւն ըրաւ, Յէու անոր շատ ծառայութիւն պիտի ընէ, 19 Ուստի Բահաղին բոլոր մարգարէները, բոլոր ծառաներն ու բոլոր քուրմերը ինծի կանչեցէ՛ք։ Մա՛րդ մը պակաս չըլլայ, քանզի Բահաղին մեծ զոհ պիտի ընեմ։ Հոն չգտնուողը պիտի չապրի»։ Ասիկա Յէու խաբէութեամբ ըրաւ, որպէս զի Բահաղին ծառայութիւն ընողները բնաջինջ ընէ։ 20 Յէու ըսաւ. «Բահաղին համար տօնախմբութիւն մը սահմանեցէք»։ Ծանուցում ըրին։ 21 Յէու բոլոր Իսրայէլիի պատգամաւորներ ղրկեց ու Բահաղին բոլոր ծառայութիւն ընողները եկան, այնպէս որ բացակայ մարդ չմնաց։ Բահաղին տունը ծայրէ ծայր լեցուեցաւ։ 22 Այն ատեն հանդերձապետին ըսաւ. «Բահաղին բոլոր ծառայութիւն ընողներուն պատմուճանները հանէ»։ Անոնց պատմուճանները հանեց։ 23 Յէու Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին հետ Բահաղին տունը մտաւ ու Բահաղին ծառայութիւն ընողներուն ըսաւ. «Փնտռեցէ՛ք նայեցէ՛ք, պէտք չէ որ ձեզի հետ Եհովային ծառաներէն մարդ գտնուի, այլ միայն Բահաղին ծառայութիւն ընողները»։ 24 Զոհեր ու ողջակէզներ ընելու մտան։ Յէու իրեն համար դուրսը ութսուն մարդ կեցուց ու անոնց ըսաւ. «Ով որ ձեռքը տուած մարդոցմէս մէկը ազատէ, իր անձը անոր անձին տեղ պիտի ըլլայ»։ 25 Երբ ողջակէզը լմնցուց, Յէու սուրհանդակներուն ու զօրապետներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, ասոնք մեռցուցէ՛ք. մարդ մը դուրս պէտք չէ ելլէ»։ Զանոնք սուրէ անցուցին։ Սուրհանդակներն ու զօրապետները զանոնք նետեցին ու ետքը Բահաղին տանը քաղաքը մտան։ 26 Եւ Բահաղին տանը արձանները հանեցին ու զանոնք կրակով այրեցին։ 27 Բահաղին արձանը կործանեցին ու Բահաղին տունը փլցուցին ու զանիկա արտաքնոց ըրին մինչեւ այսօր։ 28 Այսպէս Յէու Իսրայէլէն բնաջինջ ըրաւ Բահաղը։ 29 Սակայն Յէու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն, այսինքն Բեթէլի ու Դանի մէջ եղող ոսկիէ հորթերէն ետ չկեցաւ։

30 Եւ Տէրը Յէուին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն իմ աչքերուս առջեւ ուղիղ եղածը գործադրեցիր ու Աքաաբի տանը բոլոր իմ սրտիս մէջ եղածին համեմատ ըրիր, քու որդիներդ մինչեւ չորրորդ ազգը Իսրայէլի աթոռին վրայ պիտի նստին»։ 31 Բայց Յէու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն օրէնքին մէջ բոլոր սրտով քալելու զգուշութիւն չըրաւ ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։

ՅԷՈՒԻՆ ՄԱՀԸ

32 Այն օրերը Տէրը սկսաւ Իսրայէլը կոտորել։ Ազայէլ Իսրայելացիներու բոլոր սահմաններուն մէջ զանոնք զարկաւ՝ 33 Յորդանանէն դէպի արեւելք բոլոր Գաղաադի երկիրը, այսինքն Գադեանները, Ռուբենեաններն ու Մանասեանները՝ Առնոն ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչեւ Գաղաադ ու Բասան։

34 Յէուի մնացորդ պատմութիւնն ու բոլոր ըրածը ու բոլոր զօրութիւնը, Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 35 Յէու իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Սամարիայի մէջ թաղեցին։ Անոր որդին Յովաքազը անոր տեղ թագաւոր եղաւ։ 36 Յէու Իսրայէլի վրայ Սամարիայի մէջ քսանըութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԳՈԹՈՂԻԱ ԹԱԳՈՒՀԻՆ

(Բ Մնաց. 22։10–23։15)

11 1 Ոքոզիային մայրը՝ Գոթողիա՝ իր զաւկին մեռնիլը տեսնելով, ելաւ բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։ Բայց Յովրամ թագաւորին աղջիկը՝ Ոքոզիային քոյրը Յօսաբէէն՝ Ոքոզիային որդին Յովասը առաւ ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն գողցաւ զանիկա ու անոր դայեակը եւ Գոթողիային երեսէն անկողիններու սենեակին մէջ պահեց զանիկա, այնպէս որ ան չմեռցուեցաւ։ Անիկա անոր հետ վեց տարի Տէրոջը տանը մէջ պահուեցաւ, մինչ երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։

Եօթներորդ տարին Յովիադա մարդ ղրկեց եւ հարիւրապետները, թիկնապահներն ու սուրհանդակները կանչեց եւ զանոնք իր քով Տէրոջը տունը բերաւ ու անոնց հետ ուխտ ըրաւ ու Տէրոջը տանը մէջ անոնց երդում ընել տուաւ ու թագաւորին որդին անոնց ցուցուց Եւ անոնց պատուիրելով՝ ըսաւ. «Ահա ձեր ընելիքը այս է։ Ձեր մէկ երրորդ մասը, որ շաբաթ օրը պիտի մտնեն՝ թագաւորին տանը պահպանութիւն պիտի ընեն։ Մէկ երրորդ մասը՝ Սուրի դուռը ու մէկ երրորդ մասն ալ սուրհանդակներու ետեւի դուռը պիտի կենան։ Այսպէս տանը պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէս զի մարդ չմտնէ։ Ձեզմէ երկու գունդ, այսինքն անոնք որ շաբաթ օրը պիտի ելլեն, թագաւորին շուրջը Տէրոջը տանը պահպանութիւնը պիտի ընեն։ Ամէն մարդ իր զէնքերը ձեռքը՝ թագաւորին չորս կողմը թող կենայ ու ով որ կարգերէն ներս մտնէ՝ պիտի սպաննէք։ Այսպէս թագաւորին քով պիտի կենաք անոր ելած ու մտած ատենը»։

Հարիւրապետները Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածները ըրին։ Ամէն մէկը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ շաբաթ օրը մտնողները եւ թէ՛ շաբաթ օրը ելլողները ու Յովիադա քահանային քով եկան։ 10 Քահանան Տէրոջը տունը եղած Դաւիթ թագաւորին նիզակներն ու վահանները հարիւրապետներուն տուաւ։ 11 Սուրհանդակներէն իւրաքանչիւրը իր զէնքը ձեռքը՝ տանը քով թագաւորին շուրջ կեցան։ 12 Ան թագաւորին որդին դուրս հանեց ու անոր վրայ թագը դրաւ ու վկայեց անոր համար եւ զանիկա թագաւոր հռչակեցին ու օծեց որ ծափ զարնելով՝ ըսին. «Կեցցէ՛ արքայ»։

13 Գոթողիա երբ վազող ժողովուրդին ձայնը լսեց, Տէրոջը տունը ժողովուրդին եկաւ 14 Ու տեսաւ որ ահա թագաւորը իր սովորութեան համաձայն սիւնին քով էր եւ զօրապետներն ու փողահարները թագաւորին քովն էին ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախանալով փողեր կը հնչեցնէին։ Այն ատեն Գոթողիա իր հանդերձները պատռեց ու պոռաց. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։ 15 Եւ Յովիադա քահանան զօրքերուն վրայ եղող հարիւրապետներուն հրամայեց ու անոնց ըսաւ. «Ասիկա կարգերուն մէջէն հանեցէք ու անոր ետեւէն գացողը սրով մեռցուցէ՛ք, (քանզի քահանան որոշեր էր որ Տէրոջը տանը մէջ չմեռցուին։) 16 Անոր վրայ ձեռքերնին երկնցուցին ու երբ անիկա թագաւորական տունը մտնող ձիերուն ճամբայէն կ’երթար, հոն մեռցուցին։

ՅՈՎԻԱԴԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

(Բ Մնաց. 23։16-21)

17 Յովիադա Տէրոջը ու թագաւորին ու ժողովուրդին մէջտեղ ուխտ ըրաւ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան. նաեւ թագաւորին ու ժողովուրդին մէջտեղ։ 18 Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը Բահաղին տունը մտան եւ զանիկա կործանեցին եւ անոր սեղաններն ու կուռքերը կտոր կտոր ըրին եւ Բահաղին քուրմը Մատթանը սեղաններուն առջեւ սպաննեցին։ Քահանան Տէրոջը տանը մէջ պաշտօնեաներ դրաւ։ 19 Եւ հարիւրապետները, թիկնապահներն ու սուրհանդակները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը առաւ եւ թագաւորը Տէրոջը տունէն իջեցուցին ու սուրհանդակներուն դրանը ճամբայէն թագաւորին տունը մտան։ Անիկա թագաւորական աթոռին վրայ նստաւ։ 20 Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախացաւ ու քաղաքը հանդարտութեան մէջ էր. իսկ Գոթողիան թագաւորական տանը քով սրով մեռցուեցաւ։ 21 Յովաս եօթը տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՍ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 24։1-16)

12 1 Յէուի եօթներորդ տարին Յովաս թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաքէն։ Յովաս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ այն բոլոր օրերուն մէջ, որ Յովիադա քահանան անոր կը սորվեցնէր։ Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։

Յովաս քահանաներուն ըսաւ. «Տէրոջը տունը բերուած սուրբ բաներուն բոլոր ստակը, համրուած մարդոց ստակը, գինը կտրուած անձերուն ստակը, այն բոլոր ստակը, որ մէկը իր սրտէն բղխելով Տէրոջը տանը կը բերէ, թող քահանաները առնեն. Քահանաներն ալ, ամէն մէկը իր ճանչուորներէն թող պակաս առնէ եւ Տէրոջը տանը փլած տեղերը թող նորոգէ»։

Սակայն Յովաս թագաւորին քսանըերեքերորդ տարին՝ քահանաները տանը փլած տեղերը չնորոգեցին։ Յովաս թագաւորը իրեն կանչեց Յովիադա քահանան ու միւս քահանաները եւ անոնց ըսաւ. «Տանը փլած տեղերը ինչո՞ւ չէք նորոգեր։ Այլեւս ձեր ճանչուորներէն ստակ մի՛ առնէք, հապա զանիկա տանը փլած տեղերուն համար գործածեցէք»։ Քահանաները հաւանութիւն տուին, որ իրենք ստակ չառնեն ժողովուրդէն, ո՛չ ալ տանը փլած տեղերը նորոգեն։ Յովիադա քահանան սնտուկ մը առաւ, անոր վրայ ծակ մը ծակեց, զանիկա սեղանին քով՝ Տէրոջը տունը մտնողներուն աջ կողմը դրաւ։ Դուռը սպասող քահանաները Տէրոջը տունը բերուած բոլոր ստակը հոն կը դնէին։ 10 Երբ տեսնէին թէ սնտուկին մէջ ստակը շատցեր է, թագաւորին գրագիրն ու մեծ քահանան կ’ելլէին ու Տէրոջը տունը գտնուած ստակը համրելով կը ծրարէին։ 11 Պատրաստուած ստակը Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը կու տային, որպէս զի անոնք Տէրոջը տանը մէջ գործող հիւսներուն ու շինողներուն 12 Եւ որմնադիրներուն ու քարահատներուն վճարեն։ Ասկէ զատ՝ Տէրոջը տանը փլած տեղերը նորոգելու համար փայտեր ու տաշուած քարեր ծախու առնեն եւ տանը նորոգութեան համար բոլոր պէտք եղած բաները գնեն։ 13 Բայց Տէրոջը տունը բերուած ստակէն՝ Տէրոջը տանը համար արծաթէ գաւաթներ, աշտանակներ, կոնքեր, փողեր ու ոսկիէ ամաններ կամ արծաթէ ամաններ բնաւ չշինուեցան. 14 Քանզի բանուորներուն կու տային զանիկա, որպէս զի անով Տէրոջը տունը նորոգեն։ 15 Բայց որոնց ձեռքը, որ կը յանձնէին այն ստակը՝ բանուորներուն տալու համար, անոնցմէ հաշիւ չէին առներ. քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կ’աշխատէին։ 16 Եւ յանցանքի կամ մեղքի համար գանձուած ստակը Տէրոջը տունը չէր մտներ։ Անոնք քահանաներուն կը պատկանէին։

17 Այդ ատեն Ասորիներու Ազայէլ թագաւորը ելաւ Գէթի դէմ պատերազմ ըրաւ ու զանիկա առաւ։ Բայց երբ Ազայէլ իր երեսը դարձուց, որպէս զի Երուսաղէմի վրայ քալէ, 18 Յուդայի թագաւորը Յովաս՝ իր հայրերուն, Յուդայի թագաւորներուն, Յովսափատին ու Յովրամին եւ Ոքոզիային նուիրուած բոլոր սուրբ բաներն ու իր նուիրածը եւ Տէրոջը տանն ու թագաւորական տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր ոսկին առաւ ու Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին ղրկեց։ Այն ատեն անիկա Երուսաղէմէն ետ քաշուեցաւ։

19 Յովասին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 20 Անոր ծառաները ոտքի ելան ու անոր դէմ դաւադրութիւն ըրին ու Յովասը զարկին Մելօնի տանը մէջ, որ Սիլլայի զառիվայրին վրայ է։ 21 Անոր ծառաները, Սամեթին որդին Յովզաքարն ու Սովմերին որդին Յովզաբադը զանիկա զարկին ու մեռցուցին։ Զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ամասիան թագաւոր եղաւ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅՈՎԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

13 1 Յուդայի թագաւորին, Ոքոզիային որդիին Յովասին քսանըերեքերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յէուի որդին Յովաքազը թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու տասնըեօթը տարի թագաւորեց։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն հետեւեցաւ ու անոնցմէ ետ չկեցաւ։ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք շարունակ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին ձեռքն ու Ազայէլին որդիին Բենադադին ձեռքը մատնեց։

Յովաքազ Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու Տէրը անոր մտիկ ըրաւ. քանզի տեսաւ Իսրայէլին նեղութիւնը, որով Ասորիներուն թագաւորը զանոնք նեղեց։ Եւ Տէրը Իսրայէլին փրկիչ մը տուաւ, որ Ասորիներուն ձեռքէն ազատեց եւ Իսրայէլի որդիները երէկուան ու միւս օրուան պէս իրենց վրաններուն մէջ նստեցան։ Բայց Իսրայէլին մեղանչել տուող Յերոբովամին տանը մեղքերէն ետ չկեցան, հապա անոնց մէջ քալեցին ու Աստարովթի կուռքն ալ Սամարիայի մէջ կը կենար։ Յովաքազին ուրիշ զօրք չթողուց, միայն յիսուն ձիաւոր, տասը կառք ու տասը հազար հետեւակ զօրք. վասն զի Ասորիներուն թագաւորը զանոնք բնաջինջ ըրեր էր ու զանոնք կոխկռտուած հողի պէս ըրեր էր։

Յովաքազին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերն ու զօրութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Յովաքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Զանիկա Սամարիայի մէջ թաղեցին եւ անոր տեղ անոր որդին Յովասը թագաւոր եղաւ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅՈՎԱՍ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

10 Յուդայի Յովաս թագաւորին երեսունըեօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի վրայ Յովաքազին որդին Յովասը թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու տասնըվեց տարի թագաւորեց։ 11 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր մեղքերէն ետ չկեցաւ, հապա անոնց մէջ քալեց։ 12 Յովասին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատեն իր քաջութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 13 Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Յերոբովամը նստաւ անոր աթոռը։ Յովաս Իսրայէլի թագաւորներուն հետ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։

ԵՂԻՍԷԻՆ ՄԱՀԸ

14 Եղիսէ իր մեռնելու հիւանդութիւնովը հիւանդացաւ։ Իսրայէլի թագաւորը Յովաս անոր իջաւ ու անոր համար լացաւ ու ըսաւ. «Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլի կառքն ու անոր ձիաւորները»։ 15 Ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Աղեղ մը ու նետեր ա՛ռ»։ Անիկա աղեղ մը ու նետեր առաւ։ 16 Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ձեռքովդ լարէ աղեղը»։ Անիկա ձեռքով լարեց աղեղը։ Եղիսէ իր ձեռքերը թագաւորին ձեռքերուն վրայ դրաւ 17 Ու ըսաւ. «Արեւելեան կողմի պատուհանը բա՛ց»։ Ան ալ բացաւ։ Եղիսէ ըսաւ. «Նետէ՛»։ Ան ալ նետեց։ Այն ատեն Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջը փրկութեանը նետը ու Ասորիներուն վրայ տարուած յաղթանակի նետը. քանզի Ափեկի մէջ պիտի զարնես մինչեւ որ հատցնես»։ 18 Նաեւ ըսաւ. «Նետերը ա՛ռ»։ Անիկա առաւ. Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Գետինը զա՛րկ»։ Անիկա երեք անգամ գետինը զարկաւ ու կեցաւ։ 19 Աստուծոյ մարդը անոր բարկանալով՝ ըսաւ. «Եթէ հինգ կամ վեց անգամ զարնէիր, այն ատեն Ասորիները պիտի զարնէիր ու պիտի հատցնէիր. բայց հիմա Ասորիները միայն երեք անգամ պիտի զարնես»։

20 Եղիսէ մեռաւ եւ զանիկա թաղեցին։ Ու հետեւեալ տարին Մովաբացիներուն գունդերը երկրին վրայ եկան։ 21 Երբ մարդ մը կը թաղէին, ահա գունդ մը տեսան։ Մարդը Եղիսէին գերեզմանը նետեցին։ Այն մարդը Եղիսէին ոսկորներուն դպածին պէս կենդանացաւ ու իր ոտքերուն վրայ կայնեցաւ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

22 Եւ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորը Յովաքազին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը նեղեց։ 23 Բայց Տէրը Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ իր ըրած ուխտին համար անոնց ողորմեցաւ ու գթութիւն ըրաւ։ Անոնց նայեցաւ եւ զանոնք կորսնցնել չուզեց ու զանոնք դեռ իր երեսէն չձգեց։

24 Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորը մեռաւ ու անոր տեղ իր որդին Բենադադը թագաւոր եղաւ։ 25 Յովաքազին որդին Յովաս Ազայէլի որդիին Բենադադին ձեռքէն ետ առաւ այն քաղաքները, որոնք Ազայէլ անոր հօրը Յովաքազին ձեռքէն պատերազմով առեր էր։ Յովաս զանիկա երեք անգամ զարկաւ ու Իսրայէլի քաղաքները ետ առաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄԱՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 25։1-24)

14 1 Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովաքազեան Յովասին՝ երկրորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովասին որդին Ամասիա թագաւոր եղաւ։ Անիկա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յովադան էր ու Երուսաղէմացի էր։ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ իր հօրը Դաւիթին պէս. իր հօրը Յովասին բոլոր ըրածներուն համաձայն ըրաւ։ Սակայն բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։ Երբ թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր թագաւոր հայրը սպաններ էին։ Բայց սպաննողներուն որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսին օրէնքներու գրքին մէջ գրուած է, թէ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար թող մեռցուի»։ Ասիկա Աղի ձորին մէջ տասը հազար Եդովմայեցի զարկաւ ու Վէմը պատերազմով առաւ եւ անոր անունը Յեկթովէլ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։

Այն ատեն Ամասիա Իսրայէլի թագաւորին, Յէուի որդիին Յովաքազին որդիին Յովասին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, երես երեսի տեսնուինք»։ Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղեւնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. ‘Քու աղջիկդ իմ տղուս կնութեան տուր’. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ ու փուշը կոխկռտեց։ 10 Իրա՛ւ, Եդովմայեցիները զարկիր ու քու սիրտդ քեզ հպարտացուց. քու փառքովդ գոհ եղի՛ր ու տունդ նստէ՛. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզ հետ Յուդան ալ»։

11 Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ։ Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ եւ ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան։ 12 Յուդա Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցաւ ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։ 13 Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Ոքոզիայի որդիին Յովասին որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը Բեթսամիւսի մէջ բռնեց ու Երուսաղէմ տարաւ ու Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկեան դուռը Երուսաղէմի պարսպէն չորս հարիւր կանգուն փլցուց։ 14 Բոլոր ոսկին ու արծաթը ու Տէրոջը տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր ամանները առաւ եւ պատանդներ ալ առաւ ու Սամարիա դարձաւ։

15 Յովասին գործերուն մնացորդ պատմութիւնն ու անոր զօրութիւնը եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորին հետ ըրած պատերազմը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 16 Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Իսրայէլի թագաւորներուն հետ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Յերոբովամը թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄԱՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԱՀԸ

(Բ Մնաց. 25։25-28)

17 Յուդայի թագաւորը, Յովասին որդին Ամասիա, Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովաքազի՝ որդիին Յովասին մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ։ 18 Ամասիայի մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ 19 Անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին եւ անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին ու զանիկա հոն մեռցուցին։ 20 Անիկա ձիերով վերցուեցաւ ու Երուսաղէմ իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ 21 Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ազարիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր ու զանիկա իր հօրը Ամասիային տեղ թագաւոր ըրին։ 22 Ասիկա Ելաթը շինեց ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը զանիկա Յուդայի դարձուց։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅԵՐՈԲՈՎԱՄ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԸ

23 Յուդայի թագաւորին, Յովասին որդիին Ամասիային տասնըհինգերորդ տարին Իսրայէլի Յովաս թագաւորին որդին Յերոբովամը Սամարիայի մէջ թագաւոր եղաւ ու քառասունըմէկ տարի թագաւորեց։ 24 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր մեղքերէն ետ չկեցաւ։ 25 Ասիկա Իսրայէլի սահմանը Եմաթի մուտքէն մինչեւ դաշտի ծովը վերագրաւեց՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն խօսքին համեմատ, որ իր ծառային Գեթքոփերացի Ամաթեան Յովնան մարգարէին միջոցով ըսեր էր։ 26 Քանզի Տէրը տեսաւ Իսրայէլի խիստ սաստիկ տառապանքը, երբ ո՛չ գերի ու ո՛չ ազատ կար ու Իսրայէլ օգնական ալ չունէր։ 27 Եւ Տէրը չըսաւ թէ Իսրայէլի անունը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընեմ. ուստի Յովասեան Յերոբովամին ձեռքով զանոնք ազատեց։

28 Յերոբովամին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր գործերն ու պատերազմական քաջութիւնը եւ Դամասկոսն ու Եմաթը Յուդային ետ դարձուիլը Իսրայէլի մէջ, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 29 Յերոբովամ իր հայրերուն, Իսրայէլի թագաւորներուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ անոր որդին Զաքարիան թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԱԶԱՐԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 26։1-23)

15 1 Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին Յուդայի Ամասիա թագաւորին որդին Ազարիան թագաւոր եղաւ։ Անիկա տասնըվեց տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր որ Երուսաղէմացի էր։ Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային բոլոր ըրածին պէս։ Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։ Տէրը թագաւորը զարկաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր եւ զատ տան մը մէջ կը բնակէր ու պալատին վրայ իշխողը թագաւորին որդին Յովաթամն էր։ Անիկա կը դատէր երկրին ժողովուրդը։

Ազարիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Ազարիան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղը անոր որդին Յովաթամը թագաւոր եղաւ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըութերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յերոբովամին որդին Զաքարիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ։ Վեց ամիս թագաւորեց։ Անիկա իր հայրերուն ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։ 10 Յաբիսին որդին Սեղղում անոր դէմ գլուխ վերցուց եւ զանիկա ժողովուրդին առջեւ զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։

11 Զաքարիային մնացորդ պատմութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ 12 Ասիկա Տէրոջը խօսքն է, որ Յէուին խօսեր էր՝ ըսելով. «Իսրայէլի աթոռին վրայ քու որդիներդ մինչեւ չորրորդ ազգը պիտի նստին»։ Այնպէս ալ եղաւ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՍԵՂՂՈՒՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

13 Յաբիսին որդին Սեղղում Յուդայի Ոզիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին թագաւոր եղաւ ու Սամարիայի մէջ մէկ ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ 14 Գադդիին որդին Մանայեմը Թերսայէն ելաւ ու Սամարիա եկաւ։ Սամարիայի մէջ Յաբիսին որդին Սեղղումը զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։

15 Սեղղումին մնացորդ պատմութիւնն ու ըրած դաւաճանութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 16 Այն ատեն Մանայեմը Թափսան ու բոլոր անոր մէջ եղողները ու անոր սահմանը զարկաւ մինչեւ Թերսա եւ զանիկա չբանալնուն համար զարկաւ ու հոն եղող բոլոր յղի կիները ճեղքեց։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԱՆԱՅԵՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

17 Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին Իսրայէլի վրայ Գադդիին որդին Մանայեմը թագաւոր եղաւ ու Սամարիայի մէջ տասը տարի թագաւորեց։ 18 Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։

19 Ասորեստանի Փուղ թագաւորը երկրին վրայ եկաւ։ Մանայեմ հազար տաղանդ արծաթ տուաւ Փուղին, որպէս զի անիկա իրեն օգնական ըլլայ, թագաւորութիւնը իր ձեռքին մէջ հաստատելու համար։ 20 Մանայեմ այս արծաթը Ասորեստանի թագաւորին տալու համար Իսրայէլի բոլոր հարուստներուն վրայ հարկ դրաւ։ Ամէն մէկէն յիսունական սիկղ արծաթ առաւ։ Ասորեստանի թագաւորը ետ դարձաւ ու այն երկրին մէջ չկեցաւ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՓԱԿԷԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

21 Մանայեմին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր ամէն ըրածը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 22 Մանայեմ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Փակէիան թագաւոր եղաւ։ 23 Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսուներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Մանայեմին որդին Փակէիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ։ Երկու տարի թագաւորեց։ 24 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։ 25 Անոր զօրապետը Ռովմելային որդին Փակէէն անոր դէմ գլուխ վերցուց ու իրեն հետ Արգովբն ու Արիէն ու Գաղաադացիներէն յիսուն մարդ առաւ եւ Սամարիայի մէջ թագաւորին տանը ներսի կողմը զանիկա զարկաւ մեռցուց։ Անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։

26 Փակէիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՓԱԿԷԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

27 Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսունըերկրորդ տարին Իսրայէլի վրայ Ռովմելային որդին Փակէէն թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու քսան տարի թագաւորեց։ 28 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։ 29 Իսրայէլի Փակէէ թագաւորին օրերը Ասորեստանի Թագղաթ–Փաղասար թագաւորը եկաւ ու Իյօնը եւ Աբէլ–Բեթմաաքան ու Յանովէն եւ Կադէսն ու Յասորը եւ Գաղաադն ու Գալիլիան եւ Նեփթաղիմի բոլոր երկիրը առաւ ու անոնց բնակիչները Ասորեստան գերի տարաւ։ 30 Էլային որդին Ովսէէն Ռովմելային որդիին Փակէէին դէմ դաւաճանութիւն ըրաւ եւ զանիկա զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ Ոզիայի որդիին Յովաթամին քսաներորդ տարին։

31 Փակէէին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր գործերը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱԹԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 27։1-9)

32 Իսրայէլի թագաւորին, Ռովմելայի որդիին Փակէէին երկրորդ տարին Յուդայի թագաւորին Ոզիային որդին Յովաթամը թագաւոր եղաւ։ 33 Անիկա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յերուսա էր, որ Սադովկին աղջիկն էր։ 34 Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Ոզիային ըրածին պէս ըրաւ։ 35 Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։ Ասիկա Տէրոջը տանը ամենէն բարձր դուռը շինեց։

36 Յովաթամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 37 Այն օրերը Տէրը Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Ռովմելային որդին Փակէէն Յուդայի վրայ ղրկեց։ 38 Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղը անոր որդին Աքազը թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 28։1-27)

16 1 Ռովմելային որդիին Փակէէին տասնըեօթներորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովաթամին որդին Աքազը թագաւոր եղաւ։ Աքազ քսան տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Դաւիթին պէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղղութիւն չըրաւ, Հապա Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց ու իր որդին ալ կրակէ անցուց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, որոնք Տէրը Իսրայէլին որդիներուն առջեւէն վռնտեց։ Բարձր տեղերն ու բլուրներու վրայ եւ ամէն կանանչ ծառերու տակ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։

Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլին թագաւորը, Ռովմելային որդին Փակէէն, Երուսաղէմի վրայ պատերազմելու ելան ու Աքազը պաշարեցին, բայց պատերազմը շարունակելու կարող չեղան։ Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորը Ելաթը Ասորիներուն դարձուց եւ Յուդայեանները Ելաթէն վռնտեց ու Ասորիները Ելաթ եկան ու հոն բնակեցան մինչեւ այսօր։ Աքազ Ասորեստանի Թագղաթ–Փաղասար թագաւորին դեսպաններ ղրկեց ու ըսաւ. «Ես քու ծառադ ու որդիդ եմ. ելի՛ր ու զիս ազատէ՛ Ասորիներուն թագաւորին ձեռքէն ու Իսրայէլի թագաւորին ձեռքէն, որոնք իմ վրայ ելեր են»։ Աքազ Տէրոջը տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած արծաթն ու ոսկին առաւ եւ Ասորեստանի թագաւորին ընծայ ղրկեց։ Ասորեստանի թագաւորը անոր մտիկ ըրաւ եւ Ասորեստանի թագաւորը Դամասկոսի վրայ գնաց ու զանիկա առաւ եւ անոր բնակիչները Կիր գերի տարաւ ու Ռասինը մեռցուց։

10 Աքազ թագաւորը Ասորեստանի Թագղաթ–Փաղասար թագաւորը դիմաւորելու համար Դամասկոս գնաց ու Դամասկոսի մէջ եղած սեղանը տեսաւ։ Աքազ թագաւորը այն սեղանին օրինակն ու ձեւը՝ անոր բոլոր շինուածքին համեմատ Ուրիա քահանային ղրկեց։ 11 Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն ղրկած օրինակին նման սեղան մը շինեց Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն գալէն առաջ։ 12 Երբ թագաւորը Դամասկոսէն եկաւ, թագաւորը սեղանը տեսաւ, սեղանին մօտեցաւ ու անոր վրայ ողջակէզ մատուցանեց։ 13 Իր ողջակէզն ու հացի ընծան այրեց ու նուէրը թափեց եւ իր խաղաղութեան զոհին արիւնը այն սեղանին վրայ սրսկեց։ 14 Տէրոջը առջեւ եղող պղնձէ սեղանը տանը առջեւէն, այսինքն նոր սեղանին ու Տէրոջը տանը մէջտեղէն քաշեց ու զանիկա նոր սեղանին քով դրաւ դէպի հիւսիս։ 15 Աքազ թագաւորը Ուրիա քահանային հրամայեց՝ ըսելով. «Մեծ սեղանին վրայ առտուան ողջակէզն ու իրիկուան հացի ընծան ու երկրին բոլոր ժողովուրդին ողջակէզը եւ անոնց հացի ընծան ու անոնց նուէրները պիտի մատուցանես ու ողջակէզներուն եւ զոհերուն արիւնը անոր վրայ պիտի սրսկես ու պղնձէ սեղանը իմս պիտի ըլլայ՝ հոն հարցնելու համար»։

16 Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին բոլոր հրամայածին պէս ըրաւ։ 17 Աքազ թագաւորը խարիսխներուն սպառուածները կտրեց ու աւազանները անոնց վրայէն վերցուց։ Ծովն ալ իր տակ եղող պղնձէ եզներուն վրայէն իջեցուց ու զանիկա քարայատակի մը վրայ դրաւ։ 18 Տէրոջը տանը մէջ շինուած շաբաթին ծածկոցն ու թագաւորին դուրսի ճամբան Ասորեստանի թագաւորին պատճառով Տէրոջը տունը դարձուց։

19 Աքազին գործերուն մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ 20 Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղը անոր որդին Եզեկիան թագաւոր եղաւ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՎՍԷԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

17 1 Յուդայի Աքազ թագաւորին տասնըերկրորդ տարին Իսրայէլի վրայ Էլայի որդին Ովսէէն թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու ինը տարի թագաւորեց։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, բայց ոչ իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի թագաւորներուն պէս։ Ասոր դէմ ելաւ Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը։ Ովսէէն անոր ծառայ եղաւ ու անոր հարկ կու տար։ Ասորեստանի թագաւորը Ովսէէին վրայ նենգութիւն գտաւ, որովհետեւ անիկա Եգիպտոսի Սովա թագաւորին դեսպաններ ղրկեր էր ու Ասորեստանի թագաւորին ամէն տարուան հարկը վճարած չէր, ուստի Ասորեստանի թագաւորը զանիկա բռնեց ու բանտին մէջ կապեց։ Ասորեստանի թագաւորը բոլոր երկրին վրայ արշաւեց. Սամարիայի վրայ ալ արշաւեց ու զանիկա երեք տարի պաշարեց։

ՍԱՄԱՐԻԱՑԻ ԱՆԿՈՒՄԸ

Ովսէէին իններորդ տարին Ասորեստանի թագաւորը Սամարիան առաւ ու Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց եւ զանոնք Գովզան գետին քով Քաղայի ու Քաբովրի մէջ ու Մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց, Քանզի Իսրայէլի որդիները զիրենք Եգիպտոսի երկրէն, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատող իրենց Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցին եւ ուրիշ աստուածներէ վախցան։ Տէրոջը Իսրայէլի առջեւէն վռնտած ազգերուն կանոններուն համեմատ եւ Իսրայէլի թագաւորներուն ըրած կանոններուն համեմատ քալեցին։ Իսրայէլի որդիները իրենց Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ չեղած բաները գաղտուկ ըրին եւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ, պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը, իրենց բարձր տեղեր շինեցին։ 10 Անոնք բարձր բլուրներու վրայ եւ կանանչ ծառերու տակ իրենց արձաններ ու Աստարովթի կուռքեր կանգնեցուցին 11 Եւ հոն բարձր տեղերու վրայ խունկ ծխեցին՝ Տէրոջը անոնց առջեւէն վռնտած ազգերուն պէս ու չար գործեր ըրին ու Տէրը բարկացուցին 12 Եւ կուռքերու ծառայութիւն ըրին, որոնց համար Տէրը անոնց ըսեր էր թէ «Այդ բանը մի՛ ընէք»։ 13 Տէրը բոլոր մարգարէներուն ու բոլոր տեսանողներուն միջոցով Իսրայէլի ու Յուդայի վկայութիւն ընելով՝ ըսեր էր. «Ձեր չար ճամբաներէն դարձէ՛ք եւ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահեցէ՛ք այն ամէն օրէնքին համեմատ, որ ձեր հայրերուն պատուիրեցի ու իմ ծառաներուս մարգարէներուն՝ միջոցով ձեզի ղրկեցի»։ 14 Բայց անոնք մտիկ չըրին, այլ իրենց պարանոցները Տէր Աստուծոյն չհաւատացող իրենց հայրերուն պարանոցին պէս խստացուցին։ 15 Անոր կանոններն ու իրենց հայրերուն հետ՝ անոր ըրած ուխտը եւ անոր տուած վկայութիւնները մէկդի ձգեցին ու սնապաշտութեան ետեւէ գացին ու սնապաշտ եղան եւ իրենց չորս կողմը գտնուած ազգերուն հետեւեցան, որոնց համար Տէրը իրենց պատուիրեր էր, որ անոնց պէս չընեն։ 16 Բայց իրենց Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները թողուցին եւ երկու հատ ձուլածոյ հորթ շինեցին ու Աստարովթի կուռք շինեցին ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրին եւ Բահաղին ծառայեցին։ 17 Իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակէ անցուցին եւ կախարդութիւն ու հմայութիւն ըրին եւ զիրենք ծախեցին Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու ու զանիկա բարկացնելու։ 18 Ուստի Տէրը խիստ բարկացաւ ու զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Այնպէս որ միայն Յուդայի ցեղը մնաց։

19 Յուդա ալ իր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները չպահեց, հապա Իսրայէլին կանոններովը քալեց։ 20 Եւ Տէրը Իսրայէլին բոլոր սերունդը մերժեց ու զանոնք չարչարեց եւ զանոնք յափշտակողներու ձեռքը մատնեց, մինչեւ որ զանոնք բոլորովին իր երեսէն ձգեց. 21 Ու երբ Իսրայէլը Դաւիթի տունէն պատռեց, անոնք ալ Նաբատեան Յերոբովամը թագաւոր դրին։ Յերոբովամ արգիլեց, որ Իսրայէլ Տէրոջը հետեւի ու անոնց մեծ մեղք գործել տուաւ։ 22 Իսրայէլի որդիները Յերոբովամին բոլոր գործած մեղքերուն մէջ քալեցին, անոնցմէ ետ չկեցան, 23 Մինչեւ որ Տէրը իր առջեւէն վերցուց, ինչպէս իր բոլոր ծառաներուն, մարգարէներուն միջոցով ըսեր էր։ Այսպէս Իսրայէլ իր երկրէն Ասորեստան փոխադրուեցաւ մինչեւ այսօր։

ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻՆ

24 Ասորեստանի թագաւորը Բաբելոնէն, Քութայէն, Աւայէն, Եմաթէն ու Սեփարուիմէն մարդիկ բերաւ ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ Իսրայէլի որդիներուն տեղը բնակեցուց։ Անոնք Սամարիան ժառանգեցին ու անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցան։ 25 Երբ անոնք սկսան հոն բնակիլ, Տէրոջմէ չէին վախնար, ուստի Տէրը անոնց մէջ առիւծներ ղրկեց, որ զանոնք մեռցնեն։ 26 Ասորեստանի թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Այն ազգերը, որոնք դուն փոխադրեցիր ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուցիր, այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չեն գիտեր, ուստի անիկա անոնց մէջ առիւծներ ղրկեր է եւ ահա զանոնք կը մեռցնեն՝ այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չգիտնալնուն համար»։ 27 Այն ատեն Ասորեստանի թագաւորը հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Ձեր բերած գերի քահանաներէն մէկը հոն տարէք, որ երթայ հոն բնակի ու այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը անոնց սորվեցնէ»։ 28 Սամարիայէն գերի բերուած քահանաներէն մէկը գնաց Բեթէլի մէջ բնակեցաւ ու անոնց կը սորվեցնէր թէ ի՛նչպէս Տէրոջմէ վախնալու էին։ 29 Ամէն մէկ ազգ իր աստուածները կը շինէր ու Սամարացիներուն շինած բարձր տեղերու տուներուն մէջ կը դնէր, ամէն մէկ ազգ իր բնակած քաղաքին մէջ։ 30 Բաբելացիները Սաքքովթ–Բանովթը շինեցին ու Քութացիները Ներգաղը շինեցին ու Եմաթացիները Ասիմաթը շինեցին 31 Եւ Աւացիները Նեփասն ու Թարթակը շինեցին ու Սեփարուիմացիները իրենց տղաքը Սեփարուիմացիներու աստուածներուն, Ադրամելէքին ու Անամելէքին համար կրակով կ’այրէին։ 32 Քանի որ Տէրոջմէ կը վախնային, իրենց ամենէն ցած մարդոցմէն բարձր տեղերու քուրմեր կ’որոշէին, որոնք անոնց համար բարձր տեղերու տուներուն մէջ զոհ կ’ընէին։ 33 Անոնք Տէրոջմէ կը վախնային, նաեւ իրենց աստուածներուն ծառայութիւն կ’ընէին այն ազգերուն արարողութիւններովը՝ որոնց մէջէն փոխադրուած էին։

34 Անոնք մինչեւ այսօր առաջուան սովորութիւններուն պէս կ’ընեն. ո՛չ Տէրոջմէ կը վախնան եւ ո՛չ իրենց կանոններն ու պատուիրանքները կը կատարեն, ո՛չ ալ այն օրէնքն ու պատուիրանքը, որ Տէրը Յակոբի որդիներուն տուաւ, որուն անունը Իսրայէլ դրեր էր։ 35 Տէրը անոնց հետ ուխտ ըրեր էր ու անոնց պատուիրեր էր՝ ըսելով. «Ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք ու անոնց երկրպագութիւն մի՛ ընէք եւ անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք ու անոնց զոհ մի՛ մատուցանէք. 36 Հապա ձեզ Եգիպտոսի երկրէն մեծ զօրութիւնով ու բարձր բազուկով հանող Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք ու անոր զոհ մատուցանեցէ՛ք։ 37 Ձեզի համար տրուած պատուէրները, օրէնքն ու պատուիրանքը միշտ զգուշութեամբ գործադրեցէք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք 38 Ու ձեզի հետ ըրած ուխտս մի՛ մոռնաք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք. 39 Հապա ձեր Տէր Աստուծմէն վախցէք ու անիկա ձեր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։ 40 Բայց անոնք հնազանդութիւն չըրին, հապա իրենց առաջուան սովորութիւններուն պէս ըրին։ 41 Այս ազգերն ալ թէպէտ Տէրոջմէ կը վախնային, բայց իրենց կուռքերուն ալ ծառայութիւն կ’ընէին. նաեւ անոնց որդիներն ու անոնց որդիներուն որդիները մինչեւ այսօր իրենց հայրերուն ըրածին պէս կ’ընեն։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԵԶԵԿԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 29։1-2, 31։1)

18 1 Իսրայէլի թագաւորին, Էլային որդիին Ովսէէին երկրորդ տարին Յուդայի Աքազ թագաւորին որդին Եզեկիան թագաւոր եղաւ։ Քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Աբիա էր ու Զաքարիային աղջիկն էր։ Իր հօրը Դաւիթին ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Ասիկա բարձր տեղերը վերցուց ու արձանները կոտրտեց եւ Աստարովթի կուռքերը կոտրտեց եւ Մովսէսին շինած պղնձէ օձը կտոր կտոր ըրաւ, (քանզի մինչեւ այն օրերը Իսրայէլի որդիները անոր խունկ կը ծխէին,) ու զանիկա Նէեսթան կոչեց։ Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ապաւինեցաւ եւ անկէ ետքը Յուդայի բոլոր թագաւորներուն մէջ անոր նմանը չեղաւ, ոչ ալ անկէ առաջ եղողներուն մէջ։ Տէրոջը յարեցաւ եւ անոր ետեւէն չխոտորեցաւ։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները պահեց։ Ուստի Տէրը անոր հետ էր եւ ուր որ երթար յաջողութիւն կը գտնէր։ Ասորեստանի թագաւորէն ապստամբեցաւ ու անոր ծառայութիւն չըրաւ։ Անիկա Փղշտացիները զարկաւ մինչեւ Գազա ու անոր սահմանները՝ պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը։

Եզեկիա թագաւորին չորրորդ տարին, որ Իսրայէլի թագաւորին՝ Էլայի որդիին Ովսէէին՝ եօթներորդ տարին էր, Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը Սամարիայի վրայ յարձակեցաւ ու զանիկա պաշարեց։ 10 Երեք տարիէն զանիկա առաւ։ Սամարիա Եզեկիայի վեցերորդ տարին (այսինքն Իսրայէլի թագաւորին Ովսէէին իններորդ տարին) առնուեցաւ։ 11 Ասորեստանի թագաւորը Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց եւ զանոնք Գովզան գետին քով, Քաղայի ու Քաբովրի մէջ ու Մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց, 12 Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ականջ չդրին ու անոր ուխտը չպահեցին եւ Տէրոջը ծառային Մովսէսին ամէն պատուիրածներուն մտիկ չըրին ու չգործադրեցին։

ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ

(Բ Մնաց. 32։1-19, Եսայ. 36։1-22)

13 Եզեկիա թագաւորին տասնչորրորդ տարին Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք առաւ։ 14 Յուդայի Եզեկիա թագաւորը Լաքիս մարդ ղրկեց Ասորեստանի թագաւորին՝ ըսելով. «Մեղա՜յ, նահանջէ՛, բայց ինչ որ հարկ դնես՝ կը հատուցանեմ»։ Ասորեստանի թագաւորը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին վրայ երեք հարիւր տաղանդ արծաթ ու երեսուն տաղանդ ոսկի հարկ դրաւ։ 15 Եզեկիա Տէրոջը տանը մէջ գտնուած բոլոր արծաթը տուաւ։ 16 Այն ատեն Եզեկիա Տէրոջը տաճարին դռներուն ու դրանդիքներուն վրայի ոսկին քակեց, որ ինք՝ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը՝ զանոնք պատեր էր ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ։

17 Ասորեստանի թագաւորը Տարաթանը, Ռաբսարիսն ու Ռափսակը շատ զօրքով Լաքիսէն Երուսաղէմ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին. անոնք Երուսաղէմ եկան ու հոն հասնելով՝ Թափիչին ագարակին ճամբան եղող վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կեցան 18 Ու թագաւորը կանչեցին եւ Քեղկիայի որդին Եղիակիմը, պալատին հազարապետը ու Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաքը անոնց եկան։

19 Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիային ըսէ՛ք, Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ է այդ յոյսը, որուն դուն կ’ապաւինիս. 20 Դուն ըսիր, Պատերազմի համար խորհուրդ ու զօրութիւն ունիմ. բայց շրթունքի խօսքեր են։ Հիմա որո՞ւ ապաւինելով ինձմէ ապստամբեցար։ 21 Ահա դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսին ապաւինեցար, որու եթէ մարդ մը կռթնի, ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ։ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է’։ 22 Բայց եթէ ինծի ըսէք թէ «Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ’ապաւինինք», ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց եւ Յուդային ու Երուսաղէմին ըսաւ. «Միայն այս սեղանին առջեւ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն ըրէք»։ 23 Ու հիմա իմ տիրոջս, Ասորեստանի թագաւորին հետ հաշտուէ ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն անոնց վրայ հեծնողներ դնելու կարող ես։ 24 Եւ իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսին կ’ապաւինիս։ 25 Հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ՝ զանիկա աւերելու համար։ Ինծի Եհովան ըսաւ. «Այն երկրին վրայ ելիր ու զանիկա աւերէ՛»։

26 Քեղկիայի որդին Եղիակիմը եւ Սեբնան ու Յովաքը Ռափսակին ըսին. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ Ասորերէն խօսէ, քանզի մենք կը հասկնանք ու մեզի հետ Եբրայեցերէն մի՛ խօսիր, քանի որ պարսպին վրայ եղող ժողովուրդը կը լսէ»։ 27 Բայց Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Միթէ այս խօսքերը խօսելու համար իմ տէրս զիս քու տիրոջդ ու քեզի՞ միայն ղրկեց. չէ՞ որ այս մարդոց ալ՝ որոնք պարսպին վրայ կը նստին, ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու դատապարտուած են»։

28 Ռափսակ ոտքի ելաւ ու մեծ ձայնով Եբրայեցերէն աղաղակեց ու խօսեցաւ՝ ըսելով. «Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքը մտիկ ըրէք. 29 Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ, քանզի անիկա չի կրնար ձեզ անոր ձեռքէն ազատել։ 30 Եզեկիա թող ձեզ չվստահեցնէ, ըսելով. ‘Եհովան անշուշտ մեզ պիտի ազատէ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի’։ 31 Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէ՛ք ու ինծի եկէ՛ք եւ ամէն մարդ իր որթատունկէն ու ամէն մարդ իր թզենիէն պիտի ուտէ եւ ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն պիտի խմէ 32 Մինչեւ որ ես գամ ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր մը տանիմ, որպէս զի ապրիք ու չմեռնիք։ Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի ձեզ գլխէ կը հանէ՝ ըսելով. ‘Եհովա մեզ պիտի ազատէ’։ 33 Միթէ ազգերու աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն՝ իրենց երկիրը կրցա՞ն ազատել։ 34 Եմաթին ու Արփաթին աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմին, Անային ու Աւային աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։ 35 Երկիրներուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովա Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ’»։

36 Բայց ժողովուրդը լուռ կեցաւ եւ անոր պատասխան մը չտուաւ, քանզի թագաւորը հրաման ըրեր էր՝ ըսելով. «Անոր պատասխան մի՛ տաք»։

37 Ու Քեղկիայի որդին Եղիակիմը, պալատին հազարապետը եւ Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափի որդին Յովաքը հանդերձնին պատռած՝ Եզեկիային գացին ու Ռափսակին խօսքերը անոր յայտնեցին։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՍԱՅԻԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ

(Եսայ. 37։ 1-7)

19 1 Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ եւ Տէրոջը տունը մտաւ։ Պալատին հազարապետը Եղիակիմ եւ Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին ղրկեց։ Անոր ըսին. Եզեկիան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչեւ ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։ Կարելի է որ քու Տէր Աստուածդ Ռափսակին բոլոր խօսքերը լսէ, որ իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար ու քու Տէր Աստուածդ այն իր լսած խօսքերուն համար յանդիմանէ. ուրեմն դուն մնացորդին համար աղօթք ըրէ’»։ Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիին գացին։ Եսայի անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին։ Ահա ես անոր վրայ ոգի մը պիտի ղրկեմ։ Ան լուր մը լսելով իր երկիրը պիտի դառնայ ու զանիկա իր երկրին մէջ սրով պիտի կործանեմ’»։

ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ՈՒՐԻՇ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՄԸ ԿԸ ՂՐԿԵՆ

(Եսայ. 37։8-20)

Ռափսակ դարձաւ ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ, որ Լեբնայի հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր թէ Լաքիսէն չուեր է։ Սենեքերիմ Եթովպիացիներուն Թարակա թագաւորին համար լսեց, որ կ’ըսէին. «Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է»։ Նորէն Եզեկիային դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. 10 «Յուդայի Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսեցէք ու ըսէք. ‘Այն քու Աստուածդ, որուն դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ՝ ըսելով, Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի։ 11 Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս։ 12 Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովզանի, Խառանի, Ռեսեփի ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմին որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։ 13 Ո՞ւր են Եմաթին թագաւորն ու Արփաթին թագաւորը ու Սեփարուիմ քաղաքին՝ Անային եւ Աւային թագաւորը’»։

14 Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց եւ Տէրոջը տունը ելաւ ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ բացաւ զանիկա։ 15 Ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Աստուած միայն դուն ես. երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր։ 16 Ո՛վ Տէր, ականջդ խոնարհեցուր ու լսէ՛. ո՛վ Տէր, աչքերդ բաց ու նայէ՛ եւ լսէ՛ Սենեքերիմին խօսքերը, որ ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար։ 17 Ո՛վ Տէր, իրաւցնէ Ասորեստանի թագաւորները՝ ազգերը ու անոնց երկիրը աւերեցին 18 Եւ անոնց աստուածները կրակի տուին, վասն զի անոնք Աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար, էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին։ 19 Հիմա դուն, ո՜վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դո՛ւն ես Աստուած»։

ԵՍԱՅԻԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ

20 Ամովսի որդին Եսայի Եզեկիային մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար ինծի ըրած աղօթքդ լսեցի. 21 Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է.

«Սիօնին կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ.

Երուսաղէմին աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։

22 Դուն զո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր

Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր

Եւ աչքերդ Իսրայէլի սուրբին դէմ վեր վերցուցիր։

23 Քու դեսպաններուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր.

‘Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձունքը,

Լիբանանի քովերը ելայ

Ու անոր բարձր եղեւինները

Եւ ընտիր մայրիները պիտի կտրեմ

Ու անոր վերջին բնակութիւնը

Անոր Կարմեղոսին անտառը պիտի մտնեմ։

24 Ես փորեցի ու օտար ջուրերը խմեցի

Ու պաշարուած տեղերուն բոլոր գետերը

Ոտքերուս թաթերովը ցամքեցուցի։

25 Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա շատոնցմէ ես կազմեցի

Ու սկիզբէն ծրագրեցի.

Հիմա կատարեցի,

Որպէս զի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի հողակոյտերու դարձնես։

26 Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար

Զարհուրեցան ու ամչցան.

Անոնք դաշտի խոտի պէս

Եւ կանանչ բանջարի պէս,

Տանիքի խոտի պէս

Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան։

27 Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ

Եւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ։

28 Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ

Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս հասան։

Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ

Եւ իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ

Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ։

29 Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ.

Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը

Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք,

Իսկ երրորդ տարին ցանեցէք ու հնձեցէք

Եւ այգիներ տնկեցէք ու անոնց պտուղը կերէք։

30 Յուդայի տունէն ազատուած մնացորդը

Վարէն արմատ պիտի արձակէ

Ու վերէն պտուղ պիտի տայ,

31 Քանզի Երուսաղէմէն մնացորդ մը

Ու Սիօն լեռնէն վերապրողներու խումբ մը պիտի ելլէ։

Ասիկա զօրքերու Տէրոջը նախանձախնդրութիւնը պիտի ընէ։

32 Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

‘Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ

Ու անոր նետ պիտի չնետէ

Եւ անոր առջեւ վահանով պիտի չգայ

Ու անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնեցնէ։

33 Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ

Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ’, կ’ըսէ Տէրը։

34 Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ ու զանիկա ազատեմ ինծի համար

Ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։

35 Ու այն գիշերը Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին։ 36 Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ։ 37 Երբ անիկա իր աստուծոյն Նեսրաքին տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէքն ու Սարասարը զանիկա սրով զարկին ու Արարատի երկիրը փախան։ Անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ։

ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԱԶԴՈՒՐՈՒԻԼԸ

(Եսայ. 38։1-8, 21-22, Բ Մնաց. 32։24-26)

20 1 Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։ Անիկա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, յիշէ թէ քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալեցի եւ քու աչքիդ առջեւ բարի եղածը ըրի»։ Եզեկիա դառնօրէն լացաւ։

Եսայի տակաւին միջին գաւիթէն ելած չէր, երբ Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Դարձի՛ր ու իմ ժողովուրդիս իշխանին Եզեկիային ըսէ. ‘Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ, ահա քեզ պիտի բժշկեմ ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը պիտի ելլես Եւ քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ ու քեզ եւ այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ եւ այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։ Ու Եսայի ըսաւ. «Քանի մը չոր թուզ առէք ու դրէք վէրքին վրայ եւ պիտի առողջանայ»։

Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը զիս բժշկելուն ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Եսայի ըսաւ. «Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան պիտի ըլլայ, որ Տէրը իր ըրած խօսքը պիտի կատարէ։ Ստուերը կա՛մ տասը աստիճան առաջ պիտի երթայ, կա՛մ տասը աստիճան ետ պիտի դառնայ»։ 10 Եզեկիա ըսաւ. «Ստուերին տասը աստիճան առաջ երթալը դիւրին է. ուստի ստուերը տասը աստիճան ետ թող դառնայ»։ 11 Եսայի մարգարէն Տէրոջը աղաղակեց ու ստուերը տասը աստիճան ետ դարձուց այն աստիճաններէն, որ Աքազի արեւու ժամացոյցին վրայ իջած էր։

ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ

(Եսայ. 39։1-8)

12 Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանին որդին Մարովդաք–Բաղադան, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիային, քանզի Եզեկիային հիւանդ ըլլալը լսեր էր։ 13 Եզեկիա անոնց մտիկ ըրաւ եւ թանկագին բաներուն գանձատունը, արծաթն ու ոսկին ու խունկերը եւ պատուական իւղն ու իր զինարանը եւ իր բոլոր գանձերը ցուցուց։ Իր տանը մէջ եւ իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, որ Եզեկիա անոնց չցուցնէ։

14 Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Այս մարդիկը ի՞նչ ըսին եւ ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա ըսաւ. «Հեռու տեղէ, Բաբելոնէն եկան»։ 15 Անիկա ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա ըսաւ. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան ու գանձերուս մէջ բան չմնաց, որ չցուցուցի»։ 16 Այն ատեն Եսայի Եզեկիային ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ. 17 ‘Ահա օրեր պիտի գան, երբ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու քու հայրերդ մինչեւ այսօր ինչ որ հաւաքեցին՝ Բաբելոն պիտի տարուին. բան մը պիտի չմնայ’, կ’ըսէ Տէրը 18 Ու քեզմէ ելլելու՝ քու ծնանելու որդիներէդ պիտի առնեն եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան»։ 19 Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը, որ դուն ըսիր, բարի է»։ Նաեւ ըսաւ. «Բարի չէ՞ քանի որ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։

ԵԶԵԿԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԸ

(Բ Մնաց. 32։32-33)

20 Եզեկիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր զօրութիւնը ու շինած աւազանն ու ջրմուղը եւ քաղաքը բերած ջուրը՝ Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 21 Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ անոր որդին Մանասէն թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՄԱՆԱՍԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 33։1-20)

21 1 Մանասէն տասնըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Էփսիփա էր։ Անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն հետեւելով՝ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Անիկա իր հօրը Եզեկիային կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց ու Բահաղին սեղաններ եւ Աստարովթին կուռք մը շինեց Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին ըրածին պէս ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ եւ անոնց ծառայութիւն ըրաւ Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որուն համար Տէրը ըսած էր թէ՝ ‘Իմ անունս Երուսաղէմի մէջ պիտի դնեմ’։ Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկնքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց Ու իր տղան կրակէ անցուց եւ գուշակութիւն ու հմայութիւն ըրաւ, վհուկներ ու նշանագէտներ պահեց եւ Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց։ Իր շինած Աստարովթի կուռքը իր տանը մէջ դրաւ, որուն համար Տէրը Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին ըսեր էր. «Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան Եւ Իսրայէլի ոտքը անգամ մըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, որ անոնց հայրերուն տուի. միայն թէ անոնք իմ բոլոր պատուիրանքներս ու իմ Մովսէս ծառայիս անոնց պատուիրած բոլոր օրէնքը զգուշութեամբ գործադրեն»։ Բայց անոնք մտիկ չըրին ու Մանասէ այնպէս մոլորեցուց զանոնք, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին։

10 Տէրը իր ծառաներուն եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցաւ ըսելով. 11 «Որովհետեւ Յուդայի Մանասէ թագաւորը այս գարշութիւնները ընելով իրմէ առաջ եղող Ամօրհացիներուն բոլոր ըրածներէն աւելի չարութիւն ըրաւ ու իր կուռքերովը Յուդային ալ մեղք գործել տուաւ, 12 Անոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Երուսաղէմի վրայ ու Յուդայի վրայ այնպիսի չարիք մը պիտի ղրկեմ, որ ամէն լսողին երկու ականջը պիտի խօսի։ 13 Ու Երուսաղէմի վրայ Սամարիային լարը եւ Աքաաբին տանը գնդակը պիտի երկնցնեմ ու Երուսաղէմը պիտի սրբեմ, ինչպէս մէկը աման մը կը սրբէ ու սրբելէն յետոյ երեսը վար կը դարձնէ։ 14 Իմ ժողովուրդիս մնացորդը պիտի լքեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ ու իրենց բոլոր թշնամիները զանոնք պիտի կոտորեն ու յափշտակեն. 15 Որովհետեւ իմ առջեւս չարութիւն ըրին ու իրենց հայրերուն Եգիպտոսէն ելած օրէն մինչեւ այսօր զիս բարկացուցին։ 16 Նաեւ Մանասէն խիստ շատ անմեղ արիւն թափեց, այնպէս որ Երուսաղէմը ծայրէ ծայր լեցուց. այն մեղքէն զատ՝ որով Տէրոջը առջեւ Յուդային մեղանչելուն ու չարութիւն ընելուն պատճառ եղաւ»։

17 Եւ Մանասէին մնացորդ պատմութիւնն ու ամէն ըրածը եւ անոր գործած մեղքը՝ Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 18 Ու Մանասէ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր տանը պարտէզին մէջ, Ոզայի պարտէզին մէջ, թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Ամոնը թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 33։21-25)

19 Ամոն քսանըերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մեսողոմիթ էր ու Ետեբացի Արուսին աղջիկն էր։ 20 Անիկա իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ 21 Ու իր հօրը քալած ճամբուն մէջ քալեց եւ իր հօրը պաշտած կուռքերը պաշտեց ու անոնց երկրպագութիւն ըրաւ։ 22 Իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուց ու Տէրոջը ճամբուն մէջ չքալեց։

23 Ամոնին ծառաները անոր դէմ դաւադրութիւն ըրին ու զինք իր տանը մէջ մեռցուցին։ 24 Երկրին ժողովուրդը Ամոն թագաւորին դէմ դաւադրութիւն ընողներուն ամէնքը մեռցուցին։ Երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին։

25 Եւ Ամոնին ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ 26 Զանիկա Ոզային պարտէզը իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղը անոր որդին Յովսիան թագաւոր եղաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 34։1-2)

22 1 Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեդիդա էր ու Բազկաթացի Ադայիային աղջիկն էր։ Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբուն մէջ քալեց եւ աջ կամ ձախ չխոտորեցաւ։

ՕՐԷՆՔԻՆ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ

(Բ Մնաց. 34։8-28)

Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին թագաւորը Մեսուղամին որդիին Եսելիային որդին Սափան դպիրը Տէրոջը տունը ղրկեց՝ ըսելով. «Քեղկիա քահանայապետին գնա՛ ու անիկա Տէրոջը տունը բերուած ստակը թող համրէ՛, որ դրան պահապանները ժողովուրդէն հաւաքեցին Ու զանիկա Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ու տանը փլած տեղերը շինելու համար Տէրոջը տանը մէջ գործող Հիւսներուն, շինողներուն ու որմնադիրներուն թող տան, նաեւ փայտ ու տաշուած քարեր թող ծախու առնեն տունը նորոգելու համար»։

Բայց անոնց ձեռքը տրուած ստակին հաշիւը չէին հարցներ, քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կը գործէին։ Քեղկիա քահանայապետը Սափան դպիրին ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ օրէնքներու գիրք մը գտայ» ու այն գիրքը Սափանին տուաւ ու ան կարդաց։ Սափան դպիրը թագաւորին ըսաւ. «Քու ծառաներդ տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին ու Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին»։ 10 Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ»։ Սափան զանիկա թագաւորին առջեւ կարդաց։ 11 Ու թագաւորը օրէնքներու գրքին խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։ 12 Թագաւորը Քեղկիա քահանային ու Սափանին որդիին Աքիկամին ու Միքիային որդիին Աքոբորին եւ Սափան դպիրին ու թագաւորին ծառային Ասայիային պատուիրեց ու ըսաւ. 13 «Գացէ՛ք, ինծի համար ու ժողովուրդին համար ու բոլոր Յուդային համար՝ այս գտնուած գրքերուն խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէ՛ք. քանզի մեր վրայ Տէրոջը մեծ բարկութիւնը բորբոքեր է, որովհետեւ մեր հայրերը այս գրքին խօսքերուն հնազանդած չեն ու մեզի համար ամէն գրուած բաները գործադրած չեն»։

14 Քեղկիա քահանան եւ Աքիկամն ու Աքոբորը եւ Սափանն ու Ասայիան՝ Արասին որդիին Թեկուայի որդիին Սեղղում հանդերձապետին կնոջ Ողդա մարգարէին գացին։ Անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր ու անոր հետ խօսեցան։ 15 Անիկա ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն այսպէս ըսէք. 16 «Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն Յուդայի թագաւորին կարդացած գրքին ամէն խօսքերը։ 17 Որովհետեւ զիս թողուցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի» 18 Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 19 ‘Լսած խօսքերուդ համար, որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Տէրոջը առջեւ խոնարհեցար, երբ լսեցիր իմ խօսքերս, թէ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ աւերում ու անէծք պիտի ըլլայ եւ քու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի’, կ’ըսէ Տէրը։ 20 Անոր համար ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս։ Այս տեղին վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն’» Ու անոնք թագաւորին պատասխան բերին։

ԲԱԳԱՒՈՐԸ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԷ

(Բ Մնաց. 34։3-7, 29-33)

23 1 Թագաւորը մարդ ղրկեց եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ծերերը իր քով հաւաքուեցան։ Թագաւորն ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներն ու քահանաները եւ մարգարէներն ու պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կարդաց։ Եւ թագաւորը սիւնին քով կեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որ այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը հաստատելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները ու կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։ Բոլոր ժողովուրդը ուխտին հաւանութիւն տուաւ։ Ու թագաւորը Քեղկիա քահանայապետին ու երկրորդ աստիճանի քահանաներուն եւ դրան պահապաններուն հրամայեց, որ Բահաղին համար ու Աստարովթին համար ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն համար շինուած գործիքներուն ամէնքը Տէրոջը տաճարէն դուրս հանեն։ Զանոնք Երուսաղէմէն դուրս Կեդրոնի դաշտավայրին մէջ այրեց ու անոնց մոխիրը Բեթէլ տարաւ։ Յուդայի թագաւորներուն՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի բոլորտիքը բարձր տեղերու վրայ դրած խունկ ծխող քուրմերը եւ Բահաղին ու արեգակին ու լուսնին եւ տասնըերկու կենդանակերպներուն ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն խունկ ծխողները հեռացուց։ Աստարովթին կուռքը Տէրոջը տունէն Երուսաղէմէն դուրս՝ Կեդրոն հեղեղատը հանեց ու զանիկա Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց ու ծեծեց փոշի ըրաւ ու փոշին ժողովուրդին գերեզմաններուն վրայ ցանեց։ Տէրոջը տանը մէջ գտնուող Սոդոմական մեղք գործողներուն տուները փլցուց, ուր կիները Աստարովթին վարագոյրները կը գործէին։ Յուդայի քաղաքներէն բոլոր քահանաները Երուսաղէմ բերաւ ու Գաբայէն մինչեւ Բերսաբէէ քանդեց այն բարձր տեղերը, որոնց մէջ քահանաները խունկ կը ծխէին եւ քաղաքին իշխանին Յեսուին դրանը բերանը՝ քաղաքին դրանը ձախ կողմը եղող դռներուն բարձր տեղերը փլցուց։ Բայց բարձր տեղերուն քահանաները Երուսաղէմ եղող Տէրոջը սեղանը չէին ելլեր, հապա իրենց եղբայրներուն մէջ բաղարջ կ’ուտէին։ 10 Ու Ենովմին որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթը աւերեց, որպէս զի ոեւէ մարդ իր տղան կամ աղջիկը Մողոքին որպէս զոհ կրակէ չանցընէ։ 11 Նաեւ վերցուց Տէրոջը տանը դրանը առջեւէն այն ձիերը, որոնք Յուդայի թագաւորները արեգակին նուիրեր էին։ Անոնք Փարուրիմ եղող Նաթանմելէք ներքինիին սենեակին քով էին։ Արեգակին կառքերը կրակով այրեց։ 12 Թագաւորը Աքազին վերնատանը տանիքին վրայ Յուդայի թագաւորներուն շինած սեղաններն ու Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ Մանասէին շինած սեղանները փլցուց, բնաջինջ ըրաւ եւ անոնց հողը Կեդրոն հեղեղատը նետեց։ 13 Թագաւորը Երուսաղէմի դէմ, Ապականութեան լերան աջ կողմը, Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորին Սիդոնացիներուն գարշելիին՝ Աստարովթին համար ու Մովաբացիներուն գարշելիին՝ Քամովսին համար ու Ամմոնին որդիներուն գարշելիին՝ Մեղքողին համար շինած բարձր տեղերը աւերեց 14 Եւ արձանները խորտակեց ու Աստարովթին կուռքերը կոտրտեց ու անոնց տեղը մարդու ոսկորներով լեցուց։

15 Բեթէլին սեղանն ալ եւ Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին շինած բարձր տեղը (այն սեղանն ու բարձր տեղն ալ) փլցուց եւ բարձր տեղը այրեց ու փոշի դարձուց ու Աստարովթին կուռքը այրեց։ 16 Յովսիան դարձաւ ու հոն լերանը վրայի գերեզմանները տեսաւ։ Մարդ ղրկեց, գերեզմաններուն մէջի ոսկորները առաւ ու սեղանին վրայ այրելով ջնջեց, Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ այս բաները խօսող Աստուծոյ մարդը բարձր ձայնով ըսեր էր։ 17 Թագաւորը ըսաւ. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս կոթողը, որ ես կը տեսնեմ»։ Քաղաքին մարդիկը անոր ըսին. «Անիկա Աստուծոյ մարդուն գերեզմանն է, որ Յուդայէն եկաւ ու Բեթէլի սեղանին վրայ այս քու ըրած բաներդ խօսեցաւ»։ 18 Թագաւորը ըսաւ. «Զանիկա թողուցէք, անոր ոսկորները մարդ մը տեղէն թող չշարժէ»։ Ուստի անոր ոսկորները Սամարիայէն եկող մարգարէին ոսկորներուն հետ թողուցին։ 19 Յովսիա Սամարիայի քաղաքներուն մէջի բոլոր բարձր տեղերուն տուներն ալ վերցուց, որոնք Իսրայէլի թագաւորները շինելով՝ Տէրը բարկացուցեր էին ու Բեթէլի մէջ բոլոր ըրածին պէս անոնց ալ ըրաւ։ 20 Հոն գտնուած բարձր տեղերուն բոլոր քուրմերը սեղաններուն վրայ մորթեց։ Անոնց վրայ մարդու ոսկորներ այրեց ու յետոյ Երուսաղէմ դարձաւ։

ՅՈՎՍԻԱ ԶԱՏԻԿԸ ԿԸ ՏՕՆԷ

(Բ Մնաց. 35։1-19)

21 Թագաւորը բոլոր ժողովուրդին պատուիրեց՝ ըսելով. «Ձեր Տէր Աստուծոյն զատիկը կատարեցէք, ինչպէս այս ուխտի գրքին մէջ գրուած է։ 22 Քանզի Իսրայէլի դատաւորներուն օրերէն մինչեւ Իսրայէլի թագաւորներուն ու Յուդայի թագաւորներուն բոլոր օրերն ալ այս զատկին պէս կատարուած չէր. 23 Բայց Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին Տէրոջը զատիկը կատարուեցաւ Երուսաղէմի մէջ։

ՅՈՎՍԻԱ ՈՒՐԻՇ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ’ԸՆԷ

24 Յովսիա վհուկները, նշանագէտները, թերափիմներն ու կուռքերը եւ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի մէջ երեւցած բոլոր գարշութիւնները վերցուց, որպէս զի Քեղկիա քահանային՝ Տէրոջը տունը գտած գրքին մէջ գրուած օրէնքին խօսքերը հաստատէ։ 25 Եւ անկէ առաջ անոր նման թագաւոր մը եղած չէր, որ իր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը ու բոլոր զօրութիւնովը Տէրոջը դառնար՝ Մովսէսին բոլոր օրէնքին համեմատ. ո՛չ ալ անկէ ետքը անոր նմանը եղաւ։ 26 Բայց Տէրը Յուդայի վրայ բորբոքած իր մեծ ու սաստիկ բարկութենէն ետ չդարձաւ՝ այն բոլոր չար գործերուն համար, որոնցմով Մանասէն զանիկա բարկացուցեր էր։ 27 Եւ Տէրը ըսաւ. «Յուդան ալ իմ երեսէս պիտի ձգեմ, ինչպէս Իսրայէլը ձգեցի ու պիտի մերժեմ այս քաղաքը, իմ ընտրած Երուսաղէմս ու այս տունը՝ որուն համար ըսի թէ ‘Իմ անունս հոն ըլլայ’»։

ՅՈՎՍԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ

(Բ Մնաց. 35։20–36։1)

28 Յովսիայի մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ 29 Անոր օրերը Եգիպտոսի թագաւորը՝ Փարաւոն Նեքաւով՝ Ասորեստանի թագաւորին վրայ յարձակեցաւ մինչեւ Եփրատ գետը։ Յովսիա թագաւորը անոր դէմ ելլելու գնաց ու անիկա Յովսիան տեսածին պէս՝ զանիկա մեռցուց Մակեդդովի մէջ։ 30 Անոր ծառաները անոր մարմինը Մակեդդովէն կառքով Երուսաղէմ բերին ու զանիկա իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Երկրին ժողովուրդը Յովսիային որդին Յովաքազը առին ու օծեցին եւ զանիկա իր հօրը տեղ թագաւոր ըրին։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 36։2-4)

31 Յովաքազ քսանըերեք տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, որ Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։ 32 Անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ 33 Ու Փարաւոն Նեքաւովը զանիկա Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղայի մէջ բանտարկեց, որպէս զի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն չընէ ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու տաղանդ մը ոսկի հարկ դրաւ։ 34 Փարաւոն Նեքաւով Յովսիային որդին Եղիակիմը անոր հօրը Յովսիային տեղ թագաւոր դրաւ ու անոր անունը փոխեց՝ Յովակիմ կոչեց. բայց Յովաքազը առաւ Եգիպտոս տարաւ ու անիկա հոն մեռաւ։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱԿԻՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 36։5-8)

35 Եւ Յովակիմ այն արծաթն ու ոսկին Փարաւոնին տուաւ, բայց երկրին վրայ հարկ դրաւ՝ տալու համար Փարաւոնին պահանջած արծաթը։ Երկրի ժողովուրդէն, ամէն մարդու վրայ դրուած հարկին համեմատ արծաթ ու ոսկի առաւ, որպէս զի Փարաւոն Նեքաւովին տայ։

36 Երբ Յովակիմ թագաւոր եղաւ՝ քսանըհինգ տարեկան էր ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ եւ անոր մօրը անունը Զաբիդա էր, որ Ռումացի Փադայիային աղջիկն էր։ 37 Անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։

24 1 Անոր օրերը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը բարձրացաւ ու Յովակիմ երեք տարի անոր ծառայ եղաւ ու ետքը անոր դէմ ապստամբեցաւ։ Տէրը անոր վրայ Քաղդէացիներու գունդեր ու Ասորացիներու գունդեր եւ Մովաբացիներու գունդեր ու Ամմոնի որդիներուն գունդերը ղրկեց։ Զանոնք Յուդայի վրայ ղրկեց, որպէս զի զանիկա կործանէ Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով խօսեր էր։ Իրաւցնէ ասիկա Տէրոջը հրամանովը եղաւ Յուդային, որպէս զի զանիկա իր առջեւէն հեռացնէ՝ Մանասէին ըրած բոլոր մեղքերուն համար։ Նաեւ անոր թափած անմեղ արեանը համար, քանզի Երուսաղէմը անմեղ արիւնով լեցուց. ուստի Տէրը չուզեց որ ներէ։

Յովակիմին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Ու Յովակիմ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ իր որդին Յովաքին թագաւոր եղաւ։

Եգիպտոսի թագաւորը անկէ ետքը անգամ մըն ալ իր երկրէն չելաւ, քանզի Բաբելոնի թագաւորը Եգիպտոսի հեղեղատէն մինչեւ Եփրատ գետը՝ Եգիպտոսի թագաւորին բոլոր ունեցածը գրաւեր էր։

ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՅՈՎԱՔԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 36։9-10)

Յովաքին տասնըութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Նեհուսթա էր, որ Երուսաղէմացի Եղնաթանի աղջիկն էր։ Անիկա իր հօրը բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։

10 Այն ատեն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառաները Երուսաղէմ եկան ու քաղաքը պաշարեցին։ 11 Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը քաղաքին վրայ եկաւ, երբ իր ծառաները զանիկա պաշարեցին։ 12 Յուդայի թագաւորը Յովաքին իր մօրն ու իր ծառաներուն եւ իշխաններուն ու ներքինիներուն հետ Բաբելոնի թագաւորին դէմ գնաց։ Բաբելոնի թագաւորը իր թագաւորութեանը ութերորդ տարին զանիկա բռնեց։ 13 Անկէ Տէրոջը տանը բոլոր գանձերն ու թագաւորին տանը գանձերը հանեց ու կոտրտեց այն ամէն ոսկեղէն անօթները, որոնք Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը Տէրոջը տաճարին համար շիներ էր՝ Տէրոջը ըսածին համեմատ։ 14 Բոլոր Երուսաղէմը ու բոլոր իշխանները եւ բոլոր զօրաւոր մարդիկը, տասը հազար գերի ու բոլոր հիւսներն ու դարբինները քշեց տարաւ։ Երկրին ժողովուրդներէն աղքատներէն զատ մարդ չմնաց։ 15 Յովաքինը Բաբելոն փոխադրեց ու թագաւորին մայրն ու թագաւորին կիները եւ անոր ներքինիներն ու երկրին զօրաւորները Երուսաղէմէն Բաբելոն գերի տարաւ։ 16 Բոլոր զօրաւոր մարդիկը եօթը հազար մարդ ու հազար հիւսն ու դարբին, որոնց ամէնքն ալ պատերազմող կտրիճներ էին։ Բաբելոնի թագաւորը զանոնք Բաբելոն գերի տարաւ։ 17 Բաբելոնի թագաւորը Յովաքինին տեղը անոր հօրեղբայրը Մաթանիան թագաւոր ըրաւ ու անոր անունը Սեդեկիայի փոխեց։

ՅՈՒԴԱՅԻ ՍԵԴԵԿԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Բ Մնաց. 36։11-12, Երեմ. 52։1-3ա)

18 Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, որ Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։ 19 Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ 20 Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ էր, մինչեւ որ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Սեդեկիա Բաբելոնի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԸ

(Բ Մնաց. 36։13-21, Երեմ. 52։3բ-11)

25 1 Սեդեկիայի թագաւորութեանը իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ ու անոր դէմ բանակեցաւ եւ շուրջանակի պատնէշներ շինեց Ու մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնըմէկերորդ տարին քաղաքը պաշարուած էր։ Ամսուան իննին քաղաքին մէջ սաստիկ սով կար։ Երկրին ժողովուրդը հաց չունէր։ Քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ ու բոլոր պատերազմողները գիշերով թագաւորին պարտէզին քով եղող երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայէն փախան։ Քաղդէացիները քաղաքին բոլորտիքը կեցեր էին ու թագաւորը դաշտին ճամբայէն գնաց։ Եւ Քաղդէացիներուն զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ անոր հասան եւ անոր բոլոր զօրքը անոր քովէն ցրուեցաւ։ Թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Ռեբղա տարին Բաբելոնի թագաւորին։ Անոր դատաստանը տեսան։ Սեդեկիային տղաքը իր աչքերուն առջեւ մորթեցին, Սեդեկիային աչքերը կուրցուցին եւ զինքը շղթաներով կապեցին ու Բաբելոն տարին։

ՏԱՃԱՐԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

(Երեմ. 52։12-33)

Բաբելոնի թագաւորին՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին՝ տասնըիններորդ տարուան հինգերորդ ամսուն, ամսուան եօթներորդ օրը Բաբելոնի թագաւորին ծառան Նաբուզարդան դահճապետը Երուսաղէմ եկաւ Ու Տէրոջը տունը եւ թագաւորին տունը այրեց ու Երուսաղէմի բոլոր մեծ տուները կրակով այրեց։ 10 Եւ դահճապետին հետ եղող Քաղդէացիներուն բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ պարիսպները փլցուցին։ 11 Քաղաքին բնակիչներուն մնացորդն ու Բաբելոնի թագաւորէն լքուած փախստականներն ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ։ 12 Եւ դահճապետը երկրին աղքատներէն մաս մը թողուց այգեգործներ ու երկրագործներ ըլլալու համար։

13 Եւ Քաղդէացիները Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւներն ու խարիսխները ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին ու անոնց պղինձը Բաբելոն տարին։ 14 Թաղարներն ու թիակները եւ բազմակալներն ու խնկամանները եւ պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին։ 15 Դահճապետը ոսկիէ ու արծաթէ բուրվառներն ու կոնքերը առաւ. 16 Նաեւ Սողոմոնին Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու մեքենովթները։ Բոլոր այս գործիքներուն պղինձը կշռել կարելի չէր։ 17 Մէկ սիւնին բարձրութիւնը տասնըութը կանգուն էր։ Անոր վրայ պղնձէ խոյակ մը կար։ Խոյակին բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։ Խոյակին վրայ շուրջանակի ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային ամէնքն ալ պղնձէ էին ու միւս սիւնն ալ ցանցակերպ զարդ ունէր։

ՅՈՒԴԱՅԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻՆ

(Երեմ. 52։24-27)

18 Դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու երեք դռնապանները առաւ 19 Եւ քաղաքէն ներքինի մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր ու թագաւորին առջեւ կեցողներէն քաղաքին մէջ գտնուած հինգ մարդ ու երկրին ժողովուրդը զինուորագրող մեծ գրագիրը եւ քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ։ 20 Ու Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ։ 21 Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ ու Եմաթի երկրին Ռեբղային մէջ զանոնք մեռցուց։ Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ։

ԳՈԴՈՂԻԱ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ՅՈՒԴԱՅԻ

(Երեմ. 40։7-9, 41։1-3)

22 Բայց Յուդայի երկրին մէջ մնացած ժողովուրդը, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հոն թողուցեր էր, անոնց վրայ Սափանեան Աքիկամին որդին Գոդողիան կուսակալ դրաւ։

23 Զօրքերու բոլոր իշխանները իրենց մարդիկներով, երբ լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Գոդողիան կուսակալ ըրեր է, Գոդողիային քով Մասփա եկան, այսինքն Նաթանիային որդին Իսմայէլ, Կարէին որդին Յօհանան ու Թանհումեթին որդին Նետոփաթացի Սարայիան ու Մաքաթիին որդին Յեզոնիան, թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց մարդիկը։ 24 Գոդողիա անոնց ու անոնց մարդոցը երդում ըրաւ ու անոնց ըսաւ. «Քաղդէացիներուն ծառայութիւն ընելէն մի՛ վախնաք. այս երկրին մէջ բնակեցէ՛ք եւ Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն ըրէ՛ք ու ձեզի աղէկ պիտի ըլլայ»։

25 Եւ եօթներորդ ամիսը թագաւորներու սերունդէն եղող Եղիսամայի որդիին Նաթանիայի որդին Իսմայէլ տասը մարդով եկաւ ու Գոդողիան զարկին ու մեռցուցին, նոյնպէս ալ անոր հետ Մասփա եղող Հրեաներն ու Քաղդէացիները։ 26 Բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը ու զօրքերուն իշխանները ելան Եգիպտոս գացին, քանզի Քաղդէացիներէն վախցան։

ՅՈՎԱՔԻՆ ԳԵՐՈՒԹԵՆԷՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

(Երեմ. 52։31-34)

27 Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթներորդ տարուան տասնըերկրորդ ամսուան քսանըեօթներորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը, իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց։ 28 Անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ։ 29 Անոր բանտի լաթերը փոխեց ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր առջեւ հաց կ’ուտէր։ 30 Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ թագաւորին կողմէն ամէն օր անոր կը տրուէր։