ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԱՄՈՎՍԱՅ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԱՄՈՎՍԱՅ

1 1 Թեկուէի հովիւներէն Ամովսին խօսքերը, որոնք Յուդայի թագաւորին Ոզիային օրերը ու Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը՝ երկրաշարժէն երկու տարի առաջ՝ տեսիլքով անոր յայտնուեցան Իսրայէլի վրայով։ Ու ըսաւ.

«Տէրը Սիօնէն պիտի աղաղակէ

Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի տայ։

Հովիւներուն արօտները սուգ պիտի բռնեն եւ

Կարմեղոսին գլուխը պիտի չորնայ»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴՐԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԷ

ա) ՍՈՒՐԻԱ

 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Դամասկոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար

Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ.

Քանզի անոնք Գաղաադը երկաթէ կամնասայլերով ծեծեցին։

 Ազայէլի տանը վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,

Որը Բենադադի պալատները պիտի ուտէ։

 Դամասկոսի նիգերը պիտի կոտրտեմ

Ու Աւենի դաշտէն՝ բնակիչը։

Եդեմի տունէն գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ

Եւ Ասորիներու ժողովուրդը դէպի Կիր գերի պիտի քշուի»։

բ) ՊԱՂԵՍՏԻՆ

 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Գազայի երեք օրինազանցութիւններուն համար

Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ.

Քանզի բոլոր ժողովուրդը աքսորեցին,

Որպէս զի Եդովմին ձեռքը մատնեն։

 Գազայի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,

Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։

 Ազովտոսէն՝ բնակիչը,

Ասկաղոնէն՝ գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ,

Իմ ձեռքս Ակկարոնի վրայ պիտի դարձնեմ

Ու Փղշտացիներու մնացորդը պիտի կորսուի»։

գ) ՏԻՒՐՈՍ

 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Տիւրոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար

Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,

Քանզի գերիները բոլորովին Եդովմին ձեռքը մատնեցին,

Եղբայրական ուխտը չյիշեցին։

10 Տիւրոսի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,

Որը անոր պալատները պիտի ուտէ»։

դ) ԵԴՈՎՄ

11 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Եդովմի երեք օրինազանցութիւններուն համար

Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,

Քանզի իր եղբայրը սուրով հալածեց,

Իր ողորմութիւնը դադրեցուց,

Իր բարկութիւնը միշտ բորբոքեցուց

Ու իր կատաղութիւնը յաւիտեան պահեց։

12 Թեմանի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,

Որը Բօսրայի պալատները պիտի ուտէ»։

ե) ԱՄՄՈՆ

13 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Ամմոնի որդիներուն երեք օրինազանցութիւններուն համար

Ու չորսին համար անոնց պատիժը պիտի չջնջեմ.

Քանզի Գաղաադի յղի կիները ճեղքեցին,

Որպէս զի իրենց սահմանները լայնցնեն։

14 Ռաբբայի պարսպին վրայ կրակ պիտի բռնկեցնեմ,

Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։

Ասիկա պատերազմի օրը՝ աղաղակով,

Փոթորիկի օրը խռովութեամբ պիտի ըլլայ։

15 Եւ անոնց թագաւորը գերութեան պիտի երթայ,

Ինք ու իր իշխանները մէկտեղ»։

զ) ՄՈՎԱԲ

2 1 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Մովաբի երեք օրինազանցութիւններուն համար

Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ.

Քանզի Եդովմի թագաւորին ոսկորները՝ մինչեւ կիր դառնալը՝ այրեց։

 Մովաբի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,

Որը Կարիօթի պալատները պիտի ուտէ։

Մովաբ խռովութեամբ, աղաղակով ու փողի ձայնով պիտի մեռնի։

 Անոր մէջէն դատաւորը բնաջինջ պիտի ընեմ

Ու անոր հետ անոր բոլոր իշխանները պիտի մեռցնեմ»։

է) ՅՈՒԴԱ

 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Յուդայի երեք օրինազանցութիւններուն համար

Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,

Քանզի Տէրոջը օրէնքը անարգեցին

Ու անոր պատուիրանները չպահեցին,

Հապա իրենց ստութիւններով մոլորեցան,

Որոնց հետեւեր էին իրենց հայրերը։

 Յուդայի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ,

Որը Երուսաղէմի պալատները պիտի ուտէ»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ

 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Իսրայէլի երեք օրինազանցութիւններուն համար

Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ,

Քանզի անոնք արդարը՝ ստակով

Ու տնանկը զոյգ մը կօշիկով ծախեցին։

 Անոնք աղքատներուն գլխուն վրայ եղող երկրի հողին կը ցանկան,

Չքաւորներուն ճամբան կը ծռեն

Եւ իմ սուրբ անունս պղծելու համար

Տղան ու հայրը միեւնոյն աղջկան կը մտնեն

 Ու ամէն սեղանի քով

Գրաւ առնուած հանդերձներու վրայ կը պառկին

Եւ իրենց աստուածներուն տանը մէջ

Զրկուածներուն գինին կը խմեն։

 «Ես անոնց առջեւէն Ամօրհացին բնաջինջ ըրի,

Որուն բարձրութիւնը եղեւիններու բարձրութեանը պէս էր,

Անիկա կաղնիներու պէս ամուր էր։

Վերէն անոր պտուղը

Եւ վարէն անոր արմատները բնաջինջ ըրի։

10 Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի,

Ձեզ քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուցի,

Որպէս զի Ամօրհացիին երկիրը ժառանգէք։

11 Ձեր տղաքներէն՝ մարգարէներ

Եւ ձեր երիտասարդներէն ուխտաւորներ հանեցի։

Հիմա այսպէս չէ՞, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ», կ’ըսէ Տէրը։

12 «Դուք ուխտաւորներուն գինի խմցուցիք

Ու մարգարէներուն պատուիրեցիք՝ ըսելով.

‘Մարգարէութիւն մի՛ ընէք’։

13 Ահա ես ձեր եղած տեղը ձեզ պիտի ճզմեմ

Ինչպէս որաներով լեցուն սայլը իր անցած տեղը կը ճզմէ։

14 Եւ արագընթացը պիտի չկրնայ փախչիլ,

Ուժով մարդը պիտի չկրնայ իր ոյժը գործածել,

Զօրաւորը պիտի չկրնայ իր անձը ազատել,

15 Աղեղ բռնողը պիտի չկրնայ կայնիլ,

Շուտ վազողը պիտի չկրնայ զինք ազատել

Ու ձի հեծնողն ալ պիտի չկրնայ իր անձը ազատել

16 Եւ զօրաւորներուն մէջ քաջասիրտ եղողը

Այն օրը մերկ պիտի փախչի», կ’ըսէ Տէրը։

3 1 Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,

Որ Տէրը ձեզի դէմ կը խօսի,

Այն բոլոր ազգատոհմին դէմ,

Որ Եգիպտոսէն հանեց.

 «Երկրի բոլոր ազգատոհմերէն միայն քեզ ճանչցայ,

Այս պատճառով ձեր բոլոր անօրէնութիւններուն համար ձեզ պիտի պատժեմ»։

ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԳՈՐԾԸ

 «Կարելի՞ է, որ երկու մարդ մէկտեղ քալեն,

Եթէ միաբանութիւն չունենան։

 Միթէ առիւծը անտառին մէջ կը մռնչէ՞,

Եթէ որս մը չունենայ։

Կորիւնը իր որջէն ձայն կու տա՞յ,

Եթէ բան մը առած չըլլայ։

 Միթէ թռչունը երկրի վրայ վարմի մէջ կ’իյնա՞յ,

Եթէ անոր համար որոգայթ լարուած չըլլայ.

Վարմը երկրէն կը վերցուի՞,

Երբ բան մը բռնած չըլլայ։

 Եթէ քաղաքին մէջ փող հնչուի,

Ժողովուրդը չի՞ վախնար։

Միթէ քաղաքին մէջ չարիք մը կ’ըլլա՞յ,

Եթէ Տէրը ըրած չըլլայ։

 Յիրաւի Տէր Եհովան բան մը չ’ըներ,

Մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ։

 Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ։

Տէր Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ»։

ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ

 Ազովտոսի մէջ՝ պալատներու վրայ

Ու Եգիպտոսի մէջ պալատներու վրայ կանչեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.

«Սամարիայի լեռներուն վրայ հաւաքուեցէ՛ք

Եւ անոր խռովութիւնները

Ու բռնութիւնները տեսէ՛ք»։

10 «Քանզի ուղղութիւն ընել չեն գիտեր, կ’ըսէ Տէրը,

Այլ իրենց պալատներուն մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը դիզեն»։

11 Ուստի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

«Թշնամին երկրին բոլորտիքը պիտի ըլլայ

Ու ամրութիւնդ պիտի խորտակուի

Եւ քու պալատներդ պիտի կողոպտուին»։

12 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Ինչպէս հովիւը առիւծին բերնէն

Երկու ազդր կամ մէկ ականջի կտոր կ’ազատէ,

Այնպէս պիտի ազատին Իսրայէլի որդիները,

Որոնք Սամարիայի մէջ՝ բազմոցի մը անկիւնը

Ու Դամասկոսի մէջ անկողնի վրայ կը նստին»։

13 «Լսեցէ՜ք ու Յակոբի տանը վկայութիւն ըրէ՛ք»,

Կ’ըսէ զօրքերու Աստուածը՝ Տէր Եհովան.

14 «Այն օրը, երբ Իսրայէլի յանցանքներուն պատիժը անոր վրայ բերեմ,

Բեթէլի սեղաններն ալ պիտի պատժեմ։

Սեղանին եղջիւրները պիտի կոտրտին ու գետինը իյնան։

15 Ձմեռնային տունն ու ամառնային տունը պիտի կործանեմ,

Փղոսկրեայ տուները պիտի կորսուին,

Մեծ տուները բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։

4 1 «Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Սամարիայի լերանը վրայ եղող Բասանի կովեր,

Որ աղքատներուն զրկանք կ’ընէք,

Տնանկները ոտքի տակ կ’առնէք,

Ձեր տէրերուն՝ ‘Բեր որ խմենք’, կ’ըսէք։

 Տէր Եհովան իր սրբութիւնովը երդում ըրաւ,

Թէ՝ ահա ձեր վրայ օրեր պիտի գան,

Երբ ձեզ կարթերով պիտի վերցնեն

Ու ձեր սերունդը՝ ձուկի կարթերով։

 Ձեզմէ իւրաքանչիւրը խրամատներէն դուրս պիտի հանուիք

Ու բերդը պիտի նետուիք», կ’ըսէ Տէրը։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԶԱՆՑԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

 «Բեթէլ եկէ՛ք ու յանցանք գործեցէ՛ք,

Գաղգաղայի մէջ յանցանք ընելը շատցուցէ՛ք,

Ամէն առտու ձեր զոհերը

Ու ամէն երեք օրը անգամ մը ձեր տասանորդները բերէ՛ք։

 Շնորհակալութեան զոհը խմորեալ մատուցանեցէ՛ք

Ու կամաւոր ընծաներ յայտարարեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք

Քանզի այսպէս սիրեցիք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ»,

Կ’ըսէ Տէր Եհովան։

 «Ես ալ ձեզի ձեր քաղաքներուն մէջ՝ ակռայի մաքրութիւն

Ու ձեր բոլոր տեղերը հացի կարօտութիւն տուի,

Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։

 «Հունձքէն երեք ամիս առաջ անձրեւը դադրեցուցի,

Ո՛չ մէկ քաղաքի վրայ անձրեւ տեղացուցի.

Բայց միւս քաղաքին վրայ անձրեւ տեղացուցի։

Վիճակի մը վրայ անձրեւ եկաւ,

Բայց միւս վիճակը, որուն վրայ անձրեւ չեկաւ, չորցաւ։

 Երկու երեք քաղաք՝ ջուր խմելու համար՝

Մէկ քաղաքի մէջ հաւաքուեցան,

Բայց չգոհացան։

Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։

 «Ձեզ խորշակահարութեամբ ու դալուկով զարկի,

Խառնիճը կերաւ ձեր բազմաթիւ պարտէզները

Ու այգիները եւ թզենիներն ու ձիթենիները,

Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։

10 «Եգիպտոսի ճամբուն մէջ ձեր վրայ ժանտախտ ղրկեցի,

Ձեր երիտասարդները սուրով մեռցուցի,

Թողուցի որ ձեր ձիերը գերի տարուին,

Ձեր բանակներուն գարշահոտութիւնը մինչեւ ձեր քիթը հասցուցի,

Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։

11 «Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին պէս ձեզ ալ կործանեցի,

Կրակէ հանուած խանձուողի պէս եղաք,

Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։

12 Անոր համար քեզի այսպէս պիտի ընեմ, ո՛վ Իսրայէլ,

Քանի որ քեզի այս բանը պիտի ընեմ,

Ուստի քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ, ո՛վ Իսրայէլ»։

13 Ահա Ան, որ լեռները հաստատեց ու հովը ստեղծեց,

Որ յայտնէ մարդուն՝ անոր խորհուրդը։

Ան որ արշալոյսը կը խաւարեցնէ

Ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ կը քալէ,

Անոր անունը Եհովա՝ զօրքերու Աստուած է։

ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՄԸ

5 1 Լսեցէ՛ք այս խօսքը, որ ձեր վրայ իբր ողբ ըսի,

Ո՛վ Իսրայէլի տուն։

 «Իսրայէլի կոյսը ինկած է, անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։

Իր երկրին վրայ ձգուած է, զանիկա վերցնող չկայ»։

 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.

«Այն քաղաքին մէջ, ուրկէ հազար կ’ելլէր,

Հարիւր պիտի մնայ.

Ուրկէ հարիւր կ’ելլէր,

Տասը պիտի մնայ Իսրայէլի տանը»։

 Տէրը Իսրայէլի տանը այսպէս կ’ըսէ.

«Զիս փնտռեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք։

 Բայց Բեթէլը մի՛ փնտռէք,

Գաղգաղա մի՛ մտնէք,

Բերսաբէէն մի՛ անցնիք,

Քանզի Գաղգաղա անշուշտ գերութեան պիտի քշուի

Ու Բեթէլ պիտի ոչնչանայ»։

 Տէրը փնտռեցէք, որպէս զի ապրիք։

Չըլլայ թէ Յովսէփի տանը մէջ կրակի պէս բորբոքի

Եւ զանիկա ուտէ ու Բեթէլի մէջ զանիկա մարող չըլլայ։

 Դուք որ իրաւունքը օշինդրի կը դարձնէք,

Արդարութիւնը գետինը կը ձգէք,

 Փնտռեցէ՛ք զանիկա, որ Բազմաստեղն ու Հայկը շինեց,

Որ մահուան ստուերը առաւօտեան լոյսի կը դարձնէ,

Ցորեկը գիշերուան պէս կը մթնցնէ,

Որ ծովուն ջուրերը կը կանչէ,

Զանոնք երկրի երեսին վրայ կը տարածէ։

Անոր անունը Եհովա է,

 Որ զօրաւորին վրայ յանկարծ կորուստ կը բերէ

Ու կորուստը մինչեւ ամրոցը կը հասցնէ։

10 Դրանը մէջ յանդիմանողը կ’ատեն,

Շիտակ խօսողէն կը զզուին։

11 Քանի որ աղքատին վրայ կը կոխէք

Ու անկէ ցորենի պարգեւներ կ’առնէք,

Թէեւ տաշուած քարէ տուներ ալ շինէք,

Անոնց մէջ պիտի չբնակիք։

Թէեւ ցանկալի այգիներ ալ տնկէք,

Անոնց գինին պիտի չխմէք։

12 Քանզի գիտեմ թէ որքան շատ են ձեր անօրէնութիւնները

Եւ որքան մեծ են ձեր մեղքերը։

Արդարը կը նեղէք, կաշառք կ’առնէք

Ու դրանը մէջ տնանկներուն դատը կը ծռէք։

13 Անոր համար ան որ խելացի է, այն ատեն պիտի լռէ,

Քանզի ժամանակը չար է։

14 Բարութիւն փնտռեցէ՛ք, ո՛չ թէ՝ չարութիւն, որպէս զի ապրիք։

Այսպէս զօրքերու Տէր Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսիք։

15 Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք

Եւ դրանը մէջ իրաւունքը հաստատեցէ՛ք։

Թերեւս զօրքերու Տէր Աստուածը Յովսէփին մնացորդին ողորմի։

16 Անոր համար զօրքերու Աստուածը՝ Տէր Եհովան՝ այսպէս կ’ըսէ.

«Ամէն հրապարակի մէջ ողբ պիտի ըլլայ

Ու ամէն փողոցի մէջ ‘Վա՜յ, վա՜յ’, պիտի ըսեն։

Երկրագործը՝ սուգի ու ողբ գիտցողները ողբալու պիտի կանչեն։

17 Եւ ամէն այգիի մէջ ողբ պիտի ըլլայ,

Քանզի քու մէջէդ պիտի անցնիմ», կ’ըսէ Տէրը։

18 Վա՜յ ձեզի, որ Տէրոջը օրուանը կը ցանկաք։

Ձեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ Տէրոջը օրը։

Անիկա խաւար է եւ ո՛չ թէ լոյս։

Այնպէս պիտի ըլլաք։

19 Որպէս թէ մարդ մը առիւծին երեսէն փախչի

Ու արջ մը անոր հանդիպի,

Կամ տունը մտնէ ու ձեռքը պատին կռթնցնէ

Ու օձը զայն խայթէ։

20 Ահա Տէրոջը օրը խաւար է եւ ո՛չ թէ՝ լոյս։

Անոր մէջ մառախուղ կայ եւ ո՛չ թէ՝ պայծառութիւն։

21 Ձեր տօները կ’ատեմ ու կը մերժեմ,

Ձեր հանդիսաւոր ժողովներէն հաճոյք պիտի չառնեմ։

22 Եթէ ինծի ողջակէզներ ու ձեր հացի ընծաները մատուցանէք ալ՝

Պիտի չընդունիմ

Եւ ձեր գէր անասուններուն՝ խաղաղութեան զոհերուն՝ պիտի չնայիմ։

23 Քու երգերուդ ձայնը ինձմէ հեռացուր,

Քանզի քու տաւիղներուդ եղանակը պիտի չլսեմ։

24 Բայց իրաւունքը ջուրի պէս թող վազէ

Ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր գետի պէս։

25 Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի

Ինծի զոհեր ու ընծանե՞ր մատուցանեցիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։

26 Դուք՝ ձեր Մողոքի խորանները

Ձեր Քիունի կուռքերը

Եւ ձեզի համար շինուած աստուածներուն աստղը կրեցիք։

27 Ուստի ձեզ Դամասկոսէն անդին գերի պիտի քշեմ»,

Կ’ըսէ Տէրը, որուն անունը Զօրքերու Աստուած է։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

6 1 «Վա՜յ Սիօնի մէջ հանգիստ բնակողներուն

Ու Սամարիայի լերանը վրայ՝ ապահովութեամբ նստողներուն,

Ազգերու գլուխին երեւելիներուն,

Որոնց կը դիմէ Իսրայէլի տունը։

 Քաղաքէն անցէ՛ք ու տեսէ՛ք,

Անկէ մեծ Եմաթը գացէ՛ք

Ու Փղշտացիներուն Գէթը իջէք։

Միթէ անոնք այս թագաւորութիւններէն աղէ՞կ են,

Կամ անոնց սահմանը ձեր սահմանէն մե՞ծ է։

 «Վա՜յ անոնց, որ չար օրը կը հեռացնեն

Ու բռնութեան աթոռը կը մօտեցնեն,

 Փղոսկրեայ մահիճներու մէջ կը պառկին,

Իրենց անկողիններուն վրայ կ’երկննան,

Հօտերէն՝ գառնուկները

Ու գոմերու մէջէն պարարտ հորթերը կ’ուտեն։

 Տաւիղի ձայնով խաղ կը կանչեն,

Դաւիթին պէս իրենց երաժշտական գործիքներ կը հնարեն,

 Գաւաթներով գինի կը խմեն,

Ծանրագին իւղերով կ’օծուին

Եւ Յովսէփին աւերումին վրայ չեն ցաւիր։

 Ուստի գերի քշուողներուն առաջինը պիտի ըլլաք

Եւ ձեր խնճոյքներուն ուրախութեան ձայնը պիտի դադրի»։

 Տէր Եհովան իր անձին վրայ երդում ըրաւ

(Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը)։

«Ես Յակոբին հպարտութենէն կը զզուիմ,

Անոր պալատները կ’ատեմ,

Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թշնամիին պիտի մատնեմ»։

 Եթէ տան մը մէջ տասը մարդ մնալու ըլլայ,

Անոնք ալ պիտի մեռնին։

10 Եւ երբ մէկուն ազգականը, որ զինք կ’ատէ, զինք վերցնէ

Ոսկորները տունէն դուրս հանելու համար

Ու տանը մէջ եղողին հարցնէ՝

‘Ալ ուրիշ մէկը կա՞յ քովդ’

Եւ անիկա ըսէ՝ ‘Ո՛չ’,

Այն ատեն հարցնողը պիտի ըսէ. ‘Լո՛ւռ կեցիր,

Քանզի Տէրոջը անունը պէտք չէ յիշենք’։

11 Ահա Տէրը կը հրամայէ

Ու մեծ տունը պիտի կործանի

Ու պզտիկ տունը պիտի ճեղքուի։

12 Միթէ ձիերը ապառաժի վրայ կը վազե՞ն,

Կամ ծովը եզներով կը հերկուի՞։

Բայց դուք իրաւունքը՝ դառնութեան

Եւ արդարութեան պտուղը օշինդրի դարձուցիք։

13 «Ո՜վ ոչինչ բանով ուրախացողներ,

Որ ըսիք թէ ‘Չէ՞ որ մեր ուժովը մեզի եղջիւրներ առինք’,

14 Անոր համար ահա ես, ո՛վ Իսրայէլի տուն,

Ձեր վրայ ազգ մը ոտքի պիտի հանեմ,

Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը,

Որ ձեզ Եմաթի մուտքէն մինչեւ անապատի ձորը պիտի նեղէ»։

ՄԱՐԱԽՆԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ

7 1 Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց.

Ահա ան վերջին խոտին բուսնելուն սկիզբը մարախներ ստեղծեց։

Ահա վերջին խոտը թագաւորին հունձքէն ետքն էր։

 Երբ անոնք երկրին խոտը ամբողջութեամբ կերան,

Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, ներէ՛.

Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։

 Տէրը ասոր համար զղջաց։

«Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէրը։

ԿՐԱԿԻ ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ

 Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց։

Ահա Տէր Եհովան կրակը կը կանչէր, որպէս զի անով դատաստան ընէ։

Անիկա մեծ անդունդը կերաւ,

Արտերը սպառեց։

 Ու ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, դադարէ՛.

Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։

 Տէրը ասոր համար զղջաց։

«Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէր Եհովան։

ԿԱՊԱՐԱԼԱՐԻ ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ

 Եւ ինծի ցուցուց։

Տէրը կապարալարով շինուած պարսպի մը վրայ կայներ էր

Ու ձեռքը կապարալար մը կար։

 Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.

«Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։

Ու ես ըսի. «Կապարալար մը»։

Տէրը ըսաւ.

«Ահա ես իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ կապարալար մը կը դնեմ.

Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ։

 Իսահակին բարձր տեղերը աւերակ պիտի ըլլան

Ու Իսրայէլին սրբարանները պիտի աւերուին

Ու Յերոբովամին տանը վրայ սուրով պիտի ելլեմ»։

ԱՄՈՎՍ ԵՒ ԱՄԱՍԻԱ

10 Բեթէլի քուրմը՝ Ամասիա՝ Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին լուր ղրկեց՝ ըսելով.

«Իսրայէլի տանը մէջ Ամովս քեզի դէմ դաւաճանութիւն կ’ընէ.

Երկիրը չի կրնար անոր բոլոր խօսքերը տանիլ.

11 Քանզի Ամովս այսպէս կ’ըսէ.

«Յերոբովամ սուրով պիտի մեռնի

Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ»։

12 Ամասիա ըսաւ Ամովսին.

«Ո՛վ տեսանող, գնա՛, Յուդայի երկիրը փախի՛ր։

Հոն հաց կե՛ր եւ հոն մարգարէութիւն ըրէ՛։

13 Անգամ մըն ալ Բեթէլի մէջ մարգարէութիւն մի՛ ըներ,

Քանզի անիկա թագաւորին սրբարանն է

Ու թագաւորութեանը տունն է»։

14 Ամովս պատասխան տուաւ ու Ամասիային ըսաւ.

«Ես ո՛չ մարգարէ էի, ո՛չ ալ մարգարէի որդի,

Հապա ես արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող էի։

15 Տէրը զիս հօտին ետեւէն առաւ

Եւ ինծի ըսաւ.

‘Գնա՛, իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին՝ մարգարէութիւն ըրէ՛’։

16 Եւ հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ՛.

Դուն կ’ըսես թէ՝ ‘Իսրայէլի համար մարգարէութիւն մի՛ ըներ

Ու Իսահակի տանը դէմ մի՛ խօսիր’։

17 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

‘Քու կինդ քաղաքին մէջ պոռնկութիւն պիտի ընէ,

Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ սուրով պիտի իյնան,

Քու երկիրդ լարով պիտի բաժնուի,

Դուն պիղծ երկրի մը մէջ պիտի մեռնիս

Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ’»։

ԿՈՂՈՎԻ ՄԸ ՏԵՍԻԼՔԸ

8 1 Տէր Եհովան ինծի ցուցուց

Կողով մը ամառնային պտուղ

 Ու ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։

Ես ըսի. «Կողով մը ամառնային պտուղ»։

Տէրը ինծի ըսաւ.

«Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի՝ վախճանը հասած է։

Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ։

 Այն օրը տաճարին երգերը ողբեր պիտի ըլլան»։

Տէր Եհովան կ’ըսէ.

«Շատ մեռելներ պիտի ըլլան

Ու զանոնք լռութեամբ ամէն տեղ պիտի նետեն»։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ

 «Ասիկա լսեցէ՛ք,

Ո՛վ դուք որ տնանկը՝ կլլել

Ու երկրին աղքատները կորսնցնել կը ցանկաք

 Ու կ’ըսէք. ‘Ամսագլուխը ե՞րբ պիտի անցնի, որ ընդեղէն ծախենք,

Շաբաթը՝ որ ցորենը ծախու հանենք

Ու արդուն պզտկցնենք ու սիկղը մեծցնենք

Եւ նենգութեամբ խարդախ կշիռքներ գործածենք.

 Որպէս զի աղքատները ստակով

Ու տնանկները զոյգ մը կօշիկով ծախու առնենք

Ու ցորենին խոտանը ծախենք’։

 Տէրը Յակոբին մեծավայելչութեանը վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով.

«Անոնց բոլոր գործերը յաւիտեան պիտի չմոռնամ։

 Չէ՞ որ այս բանին համար երկիրը պիտի դողայ,

Անոր մէջ բնակողը սուգ պիտի ընէ,

Բոլոր երկիրը գետի պէս վեր պիտի ելլէ

Ու պիտի քշուի ու պիտի ընկղմի Եգիպտոսի գետին նման»։

 «Այն օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան,

Արեւը կէսօրուան ատենը մարը պիտի մտցնեմ

Ու ցորեկուան լոյսին ատենը երկիրը պիտի խաւարեցնեմ։

10 Ձեր տուները՝ սուգի,

Ձեր բոլոր երգերը ողբի պիտի դարձնեմ.

Ամէն մէջքի վրայ՝ քուրձ,

Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի բերեմ։

Երկրին վրայ սուգ պիտի բերեմ՝ մէկ հատիկ զաւակի համար եղած սուգին պէս,

Անոր վախճանը դառնութեան օրուան պէս պիտի ըլլայ»։

11 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովան,

Երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ,

Ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ,

Այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը։

12 Մէկ ծովէն միւս ծովը

Եւ հիւսիսէն մինչեւ արեւելք պիտի թափառին,

Տէրոջը խօսքը փնտռելու համար հոս հոն պիտի պտըտին,

Բայց պիտի չգտնեն։

13 Այն օրը գեղեցիկ կոյսերը

Ու երիտասարդները ծարաւէն պիտի մարին,

14 Որոնք Սամարիայի յանցանքովը երդում կ’ընեն ու կ’ըսեն.

‘Կենդանի է քու Աստուածդ, ո՛վ Դան’

‘Ու կենդանի է Բերսաբէէի ճամբան’.

Անոնք պիտի իյնան ու անգամ մըն ալ պիտի չելլեն»։

ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

9 1 Տէրը տեսայ, որ սեղանին քով կայներ էր ու ըսաւ

«Խոյակին զա՛րկ, որպէս զի սեմերը դողան։

Զանոնք կտոր կտոր ըրէ՛ անոնց ամենուն գլխուն վրայ։

Անոնց մնացորդը սուրով պիտի մեռցնեմ։

Անոնցմէ մէկը պիտի չկարենայ փախչիլ,

Եւ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ ազատիլ։

 Թէեւ անոնք մինչեւ դժոխք փորեն,

Իմ ձեռքս անկէ պիտի վերցնէ զանոնք։

Թէեւ երկինք ելլեն՝

Զանոնք անկէ պիտի իջեցնեմ։

 Թէեւ Կարմեղոսի գլուխը պահուըտին՝

Զանոնք պիտի գտնեմ ու անկէ պիտի առնեմ։

Թէեւ իմ աչքերուս առջեւէն ծովուն յատակը ծածկուին,

Հոն օձին պիտի հրամայեմ, որ զանոնք խայթէ։

 Թէեւ անոնք իրենց թշնամիներուն առջեւէն գերութեան երթան,

Հոն սուրին պիտի հրամայեմ, որ զանոնք մեռցնէ։

Իմ աչքս անոնց վրայ պիտի ըլլայ չարիքի համար

Եւ ոչ թէ՝ բարիքի համար»

 Քանզի զօրքերու Տէր Եհովան ինքն է,

Որ երկրիս կը դպչի ու անիկա կը հալի,

Անոր բոլոր բնակիչները սուգ կը բռնեն,

Բոլոր երկիրը գետի պէս կը յորդի,

Կը քաշուի Նեղոսի նման։

 Ինքն է որ երկնքի մէջ իր վերնատունները կը շինէ

Ու անոր կամարը երկրի վրայ կը հաստատէ։

Ծովուն ջուրերը կը կանչէ

Ու զանոնք երկրի երեսին վրայ կը տարածէ։

Անոր անունը Եհովա է։

 «Միթէ դուք ինծի Եթովպիացիներու որդիներուն պէս չէ՞ք

Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, կ’ըսէ Տէրը.

Չէ՞ որ Իսրայէլը՝ Եգիպտոսէն

Ու Փղշտացիները՝ Կափթորէն

Եւ Ասորիները Կիրէն հանեցի»։

 Ահա Տէր Եհովային աչքերը այդ մեղաւոր թագաւորութեանը վրայ են։

«Զանիկա երկրի երեսէն պիտի կորսնցնեմ.

Սակայն Յակոբին տունը բոլորովին պիտի չկորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։

 «Քանզի ահա ես կը հրամայեմ։

Իսրայէլի տունը բոլոր ազգերուն մէջ պիտի խարբալեմ,

Ինչպէս ցորենը մաղով կը խարբալեն,

Բայց հատ մը գետինը պիտի չիյնայ։

10 Իմ ժողովուրդիս բոլոր մեղաւորները սուրով պիտի մեռնին,

Որոնք կ’ըսեն թէ ‘Չարիքը մեր վրայ պիտի չհասնի

Ու մեր առջեւը պիտի չառնէ’»։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՊԱԳԱՅ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

11 «Այն օրը Դաւիթին ինկած խորանը պիտի կանգնեցնեմ

Եւ անոր փլածները պիտի նորոգեմ,

Աւերակները պիտի շէնցնեմ,

Զանիկա հինին պէս պիտի շինեմ.

12 Որպէս զի անոնք Եդովմին մնացորդը

Ու բոլոր ազգերը ժառանգեն,

Որոնք իմ անունովս կոչուած են»,

Կ’ըսէ Տէրը, որ այս բանը կ’ընէ։

13 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,

Երբ հերկողը՝ հնձողին

Եւ խաղող կոխողը սերմնացանին պիտի հասնի.

Լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն,

Բլուրները անով պիտի յորդին։

14 Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ գերութենէ պիտի դարձնեմ։

Անոնք աւերուած քաղաքները պիտի շէնցնեն ու անոնց մէջ բնակին

Եւ այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց գինին խմեն

Եւ պարտէզներ պիտի շինեն ու անոնց պտուղները պիտի ուտեն։

15 Եւ զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի հաստատեմ

Ու անգամ մըն ալ պիտի չխլուին իրենց երկրէն, որ իրենց տուի»,

Կ’ըսէ քու Տէր Աստուածդ։