ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՄԵԱՅ
1 1 Բենիամինի երկիրը, Անաթովթին մէջ եղող քահանաներէն Քեղկիային որդիին Երեմիային խօսքերը, 2 Որուն Տէրոջը խօսքը եղաւ, Յուդայի թագաւորին Ամոնին որդիին Յովսիային օրերը, անոր թագաւորութեան տասներեքերորդ տարին։ 3 Նաեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը, մինչեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարիին վերջը, մինչեւ Երուսաղէմի գերութիւնը, որ հինգերորդ ամսուան մէջ եղաւ։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԿՈՉՈՒՄԸ
4 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
5 «Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ,
Դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի,
Քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի»։ 6 Այն ատեն ես ըսի.
«Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր,
Վասն զի ես մանուկ եմ»։
7 Բայց Տէրը ինծի ըսաւ.
«Մի՛ ըսեր թէ ‘Ես մանուկ եմ’,
Վասն զի ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս
Ու ինչ որ քեզի պատուիրեմ՝ պիտի խօսիս։
8 Անոնց երեսէն մի՛ վախնար,
Քանզի ես քեզի հետ եմ
Քեզ ազատելու համար»։
9 Տէրը իր ձեռքը երկնցուց ու իմ բերնիս դպաւ
Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.
«Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի։
10 Նայէ՛, ես այսօր քեզ ազգերու վրայ
Եւ թագաւորութիւններու վրայ կայնեցուցի,
Որպէս զի խլես ու փլցնես եւ կորսնցնես ու աւերես,
Նաեւ շինես ու տնկես»։
ԵՐԿՈՒ ՏԵՍԻԼՆԵՐ
11 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
«Ո՛վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։
Ես ըսի. «Նշենիի գաւազան մը կը տեսնեմ»։
12 Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. «Աղէ՛կ տեսար,
Վասն զի ես իմ խօսքս կատարելու պիտի արտորամ։
13 Եւ երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ի՞նչ կը տեսնես»։
Ես ըսի. «Եռացող կաթսայ մը կը տեսնեմ, որուն երեսը դէպի հիւսիս է»։
14 Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.
«Չարիքը հիւսիսէն պիտի բորբոքի
Երկրին բոլոր բնակիչներուն վրայ։
15 Քանզի ահա ես հիւսիսի թագաւորութիւններուն
Բոլոր ազգատոհմերը պիտի կանչեմ։
Անոնք պիտի գան եւ ամէն մէկը իր աթոռը
Երուսաղէմի դռներուն առջեւ
Եւ անոր շրջակայ պարիսպներուն վրայ
Ու Յուդայի բոլոր քաղաքներուն վրայ պիտի դնեն։
16 Եւ պիտի յայտնեմ անոնց իմ դատաստաններս
Անոնց բոլոր չարութիւններուն համար.
Վասն զի անոնք զիս թողուցին,
Ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին,
Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն ըրին։
17 Ուրեմն դուն քու մէջքդ պնդէ՛ ու ելի՛ր,
Քեզի բոլոր հրամայածս անոնց ըսէ՛,
Անոնց երեսէն մի՛ վախնար։
Չըլլայ որ քեզ անոնց առջեւ ամչցնեմ։
18 Այսօր քեզ բոլոր երկրին դէմ,
Այսինքն Յուդայի թագաւորներուն, անոր իշխաններուն,
Անոր քահանաներուն եւ երկրին ժողովուրդին դէմ
Ամուր քաղաքի պէս ու երկաթէ սիւնի պէս
Ու պղնձէ պարիսպներու պէս ըրի։
19 Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին,
Բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել.
Վասն զի ես քեզի հետ եմ
Քեզ ազատելու համար»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ
2 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Գնա՛ ու Երուսաղէմի ականջներուն կանչէ ու ըսէ՛,
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Անապատին մէջ՝ այն չցանուած երկրին մէջ՝
Իմ ետեւէս եկած ատենդ,
Քու մանկութեանդ քաղցրութիւնը,
Քու հարսնութեանդ սէրը յիշեցի։
3 Իսրայէլ Տէրոջը համար սուրբ էր,
Անոր արմտիքներուն երախայրին էր։
Ամէն անոնք, որ զանիկա կ’ուտէին, յանցաւոր կ’ըլլային.
Անոնց վրայ չարիք կը հասնէր’։
4 Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն
Ու Իսրայէլի տանը բոլոր ազգատոհմեր,
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ՄԵՂՔԸ
5 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ձեր հայրերը ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս,
Որ ինձմէ հեռացան
Եւ ունայնութեան ետեւէ երթալով ունայն եղան
6 Ու չըսին թէ ‘Ո՞ւր է Տէրը,
Որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց,
Որ մեզ անապատին մէջ պտըտցուց,
Անցուց ամայութեան եւ փոսերու երկրէն,
Չորութեան եւ մահուան ստուերի երկրէն,
Այնպիսի երկրէ մը, ուրկէ մարդ չէր անցներ
Ու հոն մարդ չէր բնակեր»։
7 Ես ձեզ բարեբեր երկիր մը բերի,
Որպէս զի անոր պտուղն ու բարիքը ուտէք։
Դուք մտաք ու իմ երկիրս անմաքրեցիք,
Իմ ժառանգութիւնս պղծեցիք։
8 Քահանաները չըսին թէ ‘Տէրը ո՞ւր է’
Ու օրէնքի վարդապետները զիս չճանչցան
Եւ հովիւները ինծի դէմ ապստամբեցան։
Մարգարէները Բահաղով մարգարէութիւն ըրին
Եւ անօգուտ բաներու ետեւէ գացին»։
ՏԷՐՈՋ ԴԱՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ
9 «Ասոր համար ձեզի հետ տակաւին պիտի վիճիմ, կ’ըսէ Տէրը
Ու ձեր որդիներուն որդիներուն հետ պիտի վիճիմ։
10 Արդ՝ Կիտացիներու կղզիները անցէ՛ք ու նայեցէ՛ք
Եւ Կեդար մարդ ղրկեցէք ու աղէկ հասկցէ՛ք
Եւ տեսէք թէ՝ այսպիսի բան մը եղե՞ր է.
11 Միթէ ազգ մը իր աստուածները փոխե՞ց,
Թէեւ անոնք Աստուած չէին,
Բայց իմ ժողովուրդս իր Փառքը
Անօգուտ բանի հետ փոխեց»։
12 «Ով երկինք, ասոր վրայ զարմացէ՛ք.
Ապշեցէ՛ք ու խիստ սոսկացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,
13 Վասն զի իմ ժողովուրդս երկու չարութիւն գործեց,
Զիս՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին
Եւ իրենց գուբեր փորեցին,
Ծակոտ գուբեր, որոնք չեն կրնար ջուր պահել։
14 Միթէ Իսրայէլ ծառա՞յ է,
Կամ ծառայի զաւա՞կ է։
Անիկա ինչո՞ւ համար յափշտակութեան մատնուեցաւ.
15 Անոր վրայ առիւծի կորիւնները մռնչեցին
Ու ձայներնին հանեցին,
Անոր երկիրը աւերակ ըրին,
Անոր քաղաքները այրեցան, անբնակ եղան»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
16 «Մեմփացիներուն ու Տափնացիներուն տղաքներն անգամ
Քու գլխուդ գագաթը կոտրեցին։
17 Չէ՞ որ ասիկա դուն քու վրադ բերիր
Քու Տէր Աստուածդ ձգելով,
Երբ անիկա ճամբուն մէջ քեզի առաջնորդութիւն կ’ընէր։
18 Հիմա դուն Եգիպտացիներուն ճամբան ի՞նչ գործ ունիս,
Որ Սիովրի ջուրը խմելու կ’երթաս.
Կամ Ասորեստանի ճամբան ի՞նչ գործ ունիս,
Որ գետերուն ջուրը խմելու կ’երթաս։
19 Քու չարութիւնդ քեզ պիտի խրատէ
Ու քու անհաւատարմութիւնդ քեզ պիտի յանդիմանէ։
Արդ՝ գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ գէշ ու դառն բան մըն է,
Որ քու Տէր Աստուածդ կը թողուս
Եւ քու վրադ իմ վախս չկայ»,
Կ’ըսէ զօրքերու Եհովա Տէրը։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՏԷՐԸ ՊԱՇՏԵԼ
20 «Վասն զի քու լուծդ շատոնցմէ կոտրեցի,
Քու կապանքներդ փրցուցի
Ու դուն ըսիր. ‘Օրինազանց պիտի չըլլամ’.
Սակայն ամէն բան բարձր բլուրի վրայ
Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ
Ծռեցար՝ պոռնկութիւն ըրիր։
21 Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ
Ու բոլորովին մաքուր սերմ տնկեր էի
Եւ դուն ի՞նչպէս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար։
22 Եթէ բորակով լուացուիս
Ու շատ օճառ ալ գործածես,
Քու անօրէնութիւնդ առջեւս բիծի պէս կը մնայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
23 «Ի՞նչպէս կրնաս ըսել.
‘Ես չպղծուեցայ,
Բահաղի ետեւէն չգացի’։
Հովիտին մէջի քու ճամբուդ նայէ
Եւ ըրածդ գիտցիր,
Ո՛վ խոտորնակ ճամբաներ պտըտող յամառ տաճիկ ուղտ։
24 Անապատի վարժուած վայրենի էշը,
Որ իր ցանկութիւնովը հովը կը հոտոտէ,
Իր ցանկութենէն ո՞վ կրնայ ետ դարձնել.
Բոլոր զանիկա փնտռողները չեն յոգնիր,
Իր ամսուան մէջ կը գտնեն զինք։
25 Զգուշացի՛ր, որ ոտքդ չմերկանայ եւ կոկորդդ չչորնայ,
Բայց դուն ըսիր՝ ‘Յոյս չկայ,
Վասն զի օտարները սիրեր եմ ու անոնց ետեւէն պիտի երթամ’»։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԱՏԻԺԻ Կ’ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ
26 Ինչպէս գողը բռնուած ատեն կ’ամչնայ,
Այսպէս պիտի ամչնան Իսրայէլի տունը,
Իրենք, իրենց թագաւորներն ու իշխանները
Եւ քահանաներն ու մարգարէները,
27 Որոնք փայտին կ’ըսեն. ‘Դուն իմ հայրս ես’
Ու քարին՝ ‘Դուն զիս ծնար’,
Քանզի ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես.
Բայց իրենց ձախորդութեան ժամանակը կ’ըսեն.
‘Ելի՛ր ու մեզ ազատէ՛’։
28 Բայց ո՞ւր են քու աստուածներդ, որոնք քեզի շինեցիր։
Եթէ քու ձախորդութեանդ ժամանակը քեզ կրնան ազատել, թող ելլեն։
Վասն զի քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա,
Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան»։
29 «Ինչո՞ւ համար ինծի հետ կը վիճիք.
Դուք ամէնքդ ինձմէ ապստամբեցաք», կ’ըսէ Տէրը։
30 «Պարապ տեղ ձեր տղաքը ծեծեցի։
Անոնք չխրատուեցան։
Ձեր սուրը գիշատիչ առիւծի պէս
Ձեր մարգարէները կերաւ։
31 Ո՛վ ազգ, Տէրոջը խօսքին նայէ.
Միթէ ես անապա՞տ եղայ Իսրայէլի,
Կամ մութ երկի՞ր մը։
Իմ ժողովուրդս ինչո՞ւ կ’ըսէ.
‘Մենք ինքնագլուխ կը պտըտինք,
Անգամ մըն ալ քեզի պիտի չգանք’»։
32 Միթէ կոյսը իր զարդերը,
Կամ հարսը իր գօտին կը մոռնա՞յ.
Բայց իմ ժողովուրդս երկար օրեր զիս մոռցաւ։
33 Սէր փնտռելու համար՝ ինչո՞ւ քու ճամբադ աղէկ կը շտկես,
Այնպէս որ քու ճամբաներդ չար կիներուն ալ սորվեցուցիր։
34 Նաեւ քու քղանցքներուդ վրայ
Անմեղ աղքատներու հոգիներուն արիւնները գտնուեցան։
Զանոնք գաղտուկ տեղեր չգտայ,
Հապա բոլոր բաներուն վրայ։
35 Բայց դուն կ’ըսես. ‘Անմեղ ըլլալուս համար
Անոր բարկութիւնը անշուշտ ինձմէ պիտի դառնայ’։
Ահա ես քեզի հետ դատ պիտի վարեմ
‘Ես մեղք չգործեցի’ ըսելուդ համար։
36 Ինչո՞ւ ճամբադ փոխելով այսչափ կը թափառիս.
Դուն Եգիպտոսէն ալ պիտի ամչնաս,
Ինչպէս Ասորեստանէն ամչցար։
37 Դուն ասկէ՛ ալ պիտի ելլես
Ձեռքերդ գլխուդ վրայ դրած,
Քանզի Տէրը քու յոյսերդ մերժեց
Ու անոնցմով յաջողութիւն պիտի չունենաս»։
ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
3 1 «Եթէ մարդ մը իր կինը արձակէ
Եւ կինը անոր քովէն երթայ եւ ուրիշ այր մը առնէ,
Անգամ մըն ալ այն կնոջ կը դառնա՞յ։
Այն երկիրը բոլորովին չի՞ պղծուիր։
Բայց դո՛ւն, թէեւ շատ հոմանիներու հետ շնութիւն ըրիր,
Նորէն ինծի դարձիր, կ’ըսէ Տէրը։
2 Աչքերդ բլուրներուն վերցո՛ւր ու նայէ՛,
Ո՞ւր պոռնկութիւն չըրիր։
Դուն անոնց համար ճամբաներուն վրայ նստար՝
Անապատի Արաբացիին պէս
Եւ քու պոռնկութիւններովդ ու չարութիւններովդ երկիրը պղծեցիր։
3 Ուստի անձրեւները խափանուեցան
Ու վերջին անձրեւը չեկաւ։
Քու ճակատդ պոռնիկի ճակատի պէս եղաւ,
Ամօթը մէկդի ձգեցիր։
4 Միթէ ասկէ ետքը ինծի պիտի չաղաղակե՞ս՝ ըսելով.
‘Ո՛վ Հայր իմ, դուն ես իմ մանկութեանս առաջնորդը’։
5 Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞յ,
Կամ իր սրտմտութիւնը միշտ պիտի պահէ՞։
Ահա դուն այսպէս խօսեցար
Եւ քու կրցածիդ չափ չարութիւն գործեցիր»։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅ ՊԷՏՔ Է ԶՂՋԱՆ
6 Յովսիա թագաւորին օրերը Տէրը ինծի ըսաւ.
«Ապստամբ Իսրայէլի ըրածը տեսա՞ր.
Անիկա ամէն բարձր լերան վրայ
Ու ամէն կանանչ ծառի տակ գնաց
Եւ հոն շնութիւն ըրաւ։
7 Անիկա այս բոլոր բաները ընելէն ետքը
Ըսի. ‘Ինծի դարձիր’, բայց անիկա չդարձաւ
Եւ անոր ուխտադրուժ քոյրը՝ Յուդան՝ ասիկա տեսաւ։
8 Երբ ապստամբ Իսրայէլի շնութիւն ընելուն պատճառով
Զանիկա արձակեցի եւ արձակման թուղթը անոր տուի,
Տեսայ թէ անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդան չվախցաւ,
Հապա գնաց ինք ալ շնութիւն ըրաւ։
9 Անիկա իր շնութեան լրբութիւնովը երկիրը պղծեց,
Քանզի քարի ու փայտի հետ շնութիւն ըրաւ։
10 Բայց եւ այնպէս անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդան ալ
Բոլոր սրտովը ինծի չդարձաւ,
Հապա ստութեամբ դարձաւ», կ’ըսէ Տէրը։
11 Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.
«Ապստամբ Իսրայէլը ուխտադրուժ Յուդայէն աւելի զինք արդարացուց։
12 Գնա՛, այս խօսքերը դէպի հիւսիս կանչելով ըսէ՛.
‘Դարձի՛ր, ո՛վ ապստամբ Իսրայէլ’, կ’ըսէ Տէրը,
‘Իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր.
Քանզի ես ողորմած եմ’, կ’ըսէ Տէրը,
‘Յաւիտեան ոխ չեմ պահեր.
13 Միայն թէ քու ունայնութիւնդ ճանչցիր,
Որ քու Տէր Աստուծոյդ դէմ ապստամբեցար։
Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ
Քու ճամբաներդ օտարներուն տարածեցիր
Ու իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիր’, կ’ըսէ Տէրը։
14 ‘Դարձէ՛ք, ո՛վ ապստամբ որդիներ’, կ’ըսէ Տէրը։
Քանզի թէեւ ձեզ մերժեցի,
Բայց ձեզ պիտի առնեմ, ամէն մէկ քաղաքէ մէկ հոգի,
Ամէն մէկ ազգատոհմէ երկու հոգի
Ու ձեզ Սիօն պիտի բերեմ։
15 Ձեզի իմ սրտիս յարմար հովիւներ պիտի տամ,
Որոնք ձեզ գիտութեամբ եւ հանճարով պիտի հովուեն’։
16 ‘Երբ դուք այն օրերը երկրի վրայ շատնաք ու աճիք’, կ’ըսէ Տէրը,
Անգամ մըն ալ ‘Տէրոջը ուխտին տապանակը’ պիտի չըսեն։
Անիկա մէկո՛ւն միտքը պիտի չգայ
Ու զանիկա պիտի չյիշեն,
Անոր այցելութիւն պիտի չընեն.
Այս բաները անգամ մըն ալ պիտի չըլլան։
17 Այն ատեն Երուսաղէմը ‘Տէրոջը աթոռը’ պիտի անուանեն
Եւ բոլոր ազգերը հոն՝ Տէրոջը անուանը համար Երուսաղէմ պիտի հաւաքուին.
Անգամ մըն ալ իրենց չար սրտին կամակորութեանը ետեւէն պիտի չերթան։
18 Այն օրերը Յուդային տունը
Իսրայէլին տանը հետ պիտի միանայ
Ու երկուքը մէկտեղ հիւսիսի երկրէն
Անոնց հայրերուն ժառանգութիւն տուած երկիրս պիտի գան’։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
19 Բայց ես ըսի. ‘Քեզ ի՞նչպէս որդիներուն մէջ դնեմ
Եւ քեզի այն ցանկալի երկիրը,
Ազգերուն խիստ գեղեցիկ ժառանգութիւնը տամ’
Ու ըսի. ‘Ինծի «Հայր իմ» պիտի աղաղակես
Եւ ինծի հետեւելէն ետ պիտի չդառնաս’։
20 ‘Իրաւցնէ, ո՛վ Իսրայէլի տուն,
Ինչպէս կին մը իր էրկանը անհաւատարիմ կ’ըլլայ,
Այնպէս ալ դուք ինծի անհաւատարիմ եղաք’, կ’ըսէ Տէրը։
21 Բլուրներուն վրայ ձայն մը լսուեցաւ,
Իսրայէլի որդիներուն աղաչանքի ու լացի ձայնը.
Վասն զի անոնք իրենց ճամբան խոտորցուցին,
Իրենց Տէր Աստուածը մոռցան։
22 «Ո՛վ ապստամբ որդիներ, դարձէ՛ք,
Ես ձեր ապստամբութիւնները պիտի բժշկեմ»։
«Ահա մենք քեզի կու գանք,
Քանզի դուն մեր Տէր Աստուածն ես։
23 Յիրաւի բլուրներու
Եւ լեռներու բազմութեան յուսալը պարապ բան է.
Հապա Իսրայէլի փրկութիւնը մեր Տէր Աստուծմէն է։
24 Վասն զի մեր մանկութենէն ի վեր մեր հայրերուն վաստակը,
Անոնց հօտերը եւ արջառները,
Անոնց տղաքներն ու աղջիկները ամօթը կերաւ։
25 Մեր ամօթովը կը պառկինք
Ու մեր անարգանքը մեզ կը ծածկէ.
Վասն զի մեր մանկութենէն մինչեւ այսօր
Թէ՛ մենք եւ թէ՛ մեր հայրերը
Մեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք
Ու մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդութիւն չըրինք»։
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՄԸ
4 1 «Եթէ դառնաս, ո՛վ Իսրայէլ, կ’ըսէ Տէրը,
Ինծի՛ եթէ դառնաս։
Եթէ քու պղծութիւններդ իմ առջեւէս վերցնես,
Ա՛լ թափառական պիտի չըլլաս։
2 Եթէ ճշմարտութեամբ, իրաւամբ ու արդարութեամբ
Երդում ընես թէ ‘Տէրը կենդանի է’,
Ազգերը անով պիտի օրհնուին
Ու անով պիտի պարծենան»։
3 Վասն զի Տէրը Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդոց այսպէս կ’ըսէ.
«Չմշակուած երկիրներ հերկեցէք ձեզի
Ու փուշերու մէջ մի՛ ցանէք։
4 Ո՛վ Յուդայի մարդիկ ու Երուսաղէմի բնակիչներ,
Տէրոջը թլփատուեցէք
Եւ ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք,
Որ չըլլայ թէ իմ բարկութիւնս ձեր չար գործերուն համար
Կրակի պէս բորբոքի ու այրէ եւ մարող մը չըլլայ»։
ՅՈՒԴԱՅ ԳՐԱՒՄԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻ ՏԱԿ
5 «Յուդայի մէջ պատմեցէ՛ք
Ու Երուսաղէմի մէջ քարոզեցէ՛ք ու ըսէ՛ք,
Երկրի վրայ փո՛ղ հնչեցուցէք,
Բարձրաձայն աղաղակեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.
‘Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքները մտէ՛ք’։
6 Դէպի Սիօն դրօշ վերցուցէ՛ք,
Քաշուեցէ՛ք, մի՛ կայնիք.
Վասն զի ես չարիք ու մեծ կոտորած պիտի բերեմ հիւսիսէն։
7 Առիւծը իր որջէն ելաւ
Եւ ազգերը ջարդողը տեղէն ելաւ, ճամբայ ինկաւ,
Որպէս զի քու երկիրդ աւերակ ընէ.
Քաղաքներդ պիտի աւերուին
Ու անոնց մէջ բնակիչ պիտի չգտնուի։
8 Ասոր համար քուրձեր հագէ՛ք
Եւ սուգ ընելով ողբացէ՛ք,
Վասն զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ չդարձաւ»։
9 «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,
Թագաւորին սիրտը ու իշխաններուն սիրտը պիտի հատնի.
Քահանաները պիտի յիմարանան,
Մարգարէները պիտի ապշին»։
10 Այն ատեն ըսի.
«Աւա՜ղ, ո՛վ Տէր Եհովա,
Արդարեւ դուն այս ժողովուրդը ու Երուսաղէմը խաբելով խաբեցիր՝ ըսելով.
‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’.
Մինչդեռ սուրը մինչեւ անոնց հոգին հասաւ»։
11 Այն ատեն այս ժողովուրդին ու Երուսաղէմին պիտի ըսուի.
«Այրող հով մը անապատին բլուրներէն կը փչէ
Իմ ժողովուրդիս աղջկան ճամբուն մէջ,
Ո՛չ թէ հոսելու համար, ո՛չ ալ մաքրելու համար։
12 Սաստիկ հով մը պիտի գայ ինծի։
Հիմա ես ալ անոնց հետ դատաստաններով պիտի խօսիմ»։
ՅՈՒԴԱՅ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ
13 Ահա անիկա ամպերու պէս պիտի ելլէ
Եւ անոր կառքերը՝ մրրիկի պէս։
Անոր ձիերը արծիւներէն աւելի արագընթաց են։
Վա՜յ մեզի, որ կ’աւերուինք։
14 Ո՛վ Երուսաղէմ, սիրտդ չարութենէ լուա՛,
Որպէս զի փրկութիւն գտնես։
Քու չար խորհուրդներդ մինչեւ ե՞րբ սրտիդ մէջ պիտի մնան։
15 Վասն զի ձայն մը Դանէն լուր կը բերէ
Ու Եփրեմի լեռնէն թշուառութիւն լսել կու տայ։
16 Ասիկա ազգերուն յիշեցուցէք,
Եւ Երուսաղէմին իմացուցէ՛ք,
«Հեռաւոր երկրէ պաշարողներ կու գան,
Յուդայի քաղաքներուն վրայ իրենց ձայնը կ’արձակեն։
17 Անոր չորս կողմը ագարակի պահապաններու պէս պիտի պաշարեն,
Վասն զի անիկա ինձմէ ապստամբեցաւ, կ’ըսէ Տէրը։
18 Այս բաները քու ճամբաներդ ու գործերդ բերին քու վրադ.
Ասիկա քու չարութիւնդ է, վասն զի դառն է.
Որովհետեւ մինչեւ քու սիրտդ հասաւ»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՎԻՇՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
19 «Փորը՜ս, փորը՜ս, մինչեւ սրտիս շտեմարանները ցաւ կը զգամ.
Սիրտս իմ ներսիդիս կը խռովի, չեմ կրնար լռել.
Քանզի դուն, ո՛վ իմ անձս, փողին ձայնը
Եւ պատերազմին աղաղակը լսեցիր։
20 Կոտորած կոտորածի կը հետեւի,
Վասն զի բոլոր երկիրը կործանուեցաւ.
Վրաններս յանկարծակի
Ու խորաններս մէկէն կործանուեցան.
21 Մինչեւ ե՞րբ դրօշը պիտի տեսնեմ
Եւ փողին ձայնը պիտի լսեմ։
22 Քանզի իմ ժողովուրդս յիմար է, զիս չճանչցան.
Անոնք անմիտ զաւակներ են,
Անոնց քով հանճար չկայ.
Անոնք չարութիւն ընելու համար իմաստուն են,
Բայց աղէկութիւն ընել չեն գիտեր»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԳԱԼԻՔ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
23 Երկրին նայեցայ եւ ահա անձեւ ու պարապ էր.
Երկնքին նայեցայ ու լոյս չունէր։
24 Լեռներուն նայեցայ եւ ահա կը դողային
Ու բոլոր բլուրները կը սարսէին։
25 Նայեցայ եւ ահա մարդ չկար
Ու երկնքին բոլոր թռչունները փախած էին։
26 Նայեցայ եւ ահա պտղաբեր երկիրը անապատ եղած էր
Ու բոլոր քաղաքները Տէրոջը երեսէն,
Անոր սաստիկ բարկութեան երեսէն փլած էին։
27 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Բոլոր երկիրը պիտի աւերուի,
Բայց բոլորովին աւերակ պիտի չընեմ։
28 Ասոր վրայ երկիրը սուգ պիտի բռնէ
Ու վերէն երկինքը պիտի խաւարի.
Վասն զի խօսեցայ, որոշեցի
Եւ պիտի չզղջամ ու անկէ ետ պիտի չդառնամ»։
29 Ձիաւորներուն եւ աղեղնաւորներուն ձայնէն
Բոլոր քաղաքը պիտի փախչի։
Անոնք թանձրախիտ անտառներու մէջ պիտի մտնեն
Ու ապառաժներու վրայ պիտի ելլեն։
Բոլոր քաղաքները պիտի լքուին
Եւ անոնց մէջ մարդ պիտի չբնակի։
30 Ու դո՛ւն, ո՛վ աւերուած, ի՞նչ պիտի ընես.
Թէեւ կարմիրներ հագնիս
Եւ քեզ ոսկի զարդերով զարդարես
Ու աչքերուդ վրայ շատ ծարոյր ալ դնես,
Պարապ տեղը պիտի ըլլայ։
Քու հոմանիներդ քեզ մերժեցին եւ քու անձդ կը փնտռեն։
31 Քանզի ձայն մը լսեցի ծննդական կնոջ ձայնին պէս
Ու իր անդրանիկը ծնանողին երկունքին պէս.
Սիօնի աղջկան ձայնը, որ կը հառաչէ ու ձեռքերը բանալով՝ կ’ըսէ.
«Հիմա վա՜յ ինծի,
Քանզի սպաննողներուն առջեւ հոգիս նուաղեցաւ»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԵՂՔԸ
5 1 Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ պտըտեցէ՛ք,
Նայեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք
Անոր հրապարակներուն մէջ փնտռեցէ՛ք.
Եթէ մարդ մը կրցա՞ք գտնել,
Եթէ իրաւունք ընող, ճշմարտութիւն փնտռող մը կա՞յ,
Ես այն քաղաքին թողութիւն ընեմ։
2 Թէեւ «Տէրը կենդանի է», կ’ըսեն,
Բայց ստութեամբ երդում կ’ընեն։
3 Ո՛վ Տէր, միթէ քու աչքերդ ճշմարտութեան չե՞ն նայիր։
Զանոնք ծեծեցիր, բայց ցաւ մը չզգացին,
Զանոնք հատցուցիր, բայց խրատ մը ընդունիլ չուզեցին,
Իրենց երեսը ապառաժէն աւելի կարծրացուցին
Եւ դառնալ չուզեցին։
4 Ու ես ըսի. «Իրաւցնէ անոնք աղքատ են,
Անոնք անմիտ են, քանզի Տէրոջը ճամբան,
Իրենց Աստուծոյն օրէնքը չեն գիտեր։
5 Ես մեծերուն պիտի երթամ
Եւ անոնց հետ պիտի խօսիմ,
Վասն զի անոնք Տէրոջը ճամբան
Եւ իրենց Աստուծոյն օրէնքը գիտեն»։
Բայց ահա անոնք ալ լուծը կոտրեցին,
Կապերը փրցուցին։
6 Անոր համար անտառին առիւծը պիտի մեռցնէ զանոնք,
Անապատներուն գայլը պիտի սատկեցնէ զանոնք,
Անոնց քաղաքներուն վրայ ինձը պիտի հսկէ,
Անոնցմէ դուրս ելլողը պիտի գիշատուի.
Վասն զի անոնց յանցանքները շատցան
Ու անոնց ապստամբութիւնները բազմացան։
7 «Ասոր համար ի՞նչպէս կրնամ քեզի ներել».
Քու որդիներդ զիս լքեցին
Եւ չաստուածներով երդում ըրին։
Երբ զանոնք կշտացուցի, անոնք շնութիւն ըրին
Եւ բազմութեամբ պոռնկանոց գացին։
8 Առտուն գիրցած ձիերու պէս են,
Ամէն մարդ իր դրացիին կնոջ կը վրնջէ։
9 «Միթէ այս բաներուն համար պիտի չպատժե՞մ զանոնք,
Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։
10 «Անոր պարիսպներուն վրայ ելէ՛ք ու կործանեցէ՛ք,
Բայց ո՛չ բոլորովին։
Անոր մարտկոցները վերցուցէ՛ք,
Վասն զի անոնք Տէրոջը չեն։
11 Քանզի Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը
Ինծի խիստ անհաւատարիմ եղան», կ’ըսէ Տէրը։
ՏԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ
12 «Անոնք Տէրը ուրացան ու ըսին. ‘Անիկա չէ
Ու մեր վրայ չարիք պիտի չգայ,
Սուր ու սով պիտի չտեսնենք։
13 Մարգարէները հովի պէս են
Ու անոնց բերանը Տէրոջը խօսքը չկայ.
Անոնց այնպէս պիտի ըլլայ’»։
14 Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
«Քանի որ դուք այսպէս խօսեցաք,
Ահա ես իմ խօսքերս քու բերնիդ մէջ՝ կրակ
Եւ այս ժողովուրդը փայտ պիտի ընեմ,
Որ զանոնք սպառէ»։
15 «Ահա ես ձեր վրայ հեռուէն ազգ մը կը բերեմ,
Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը.
Անիկա զօրաւոր ազգ է,
Անիկա հին ազգ է,
Այնպիսի ազգ մըն է, որուն լեզուն չես գիտեր
Ու խօսածը չես հասկնար։
16 Անոնց կապարճները բաց գերեզմանի պէս են,
Բոլորն ալ զօրաւոր մարդիկ են։
17 Անիկա պիտի ուտէ քու հունձքդ
Ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ ուտելու հացը։
Քու հօտերդ եւ արջառներդ պիտի ուտէ,
Քու այգիներդ ու թզենիներդ պիտի ուտէ,
Քու պարսպապատ քաղաքներդ, որոնց ապաւինած ես,
Սուրով պիտի աւերէ»։
18 «Բայց այն օրերն ալ, կ’ըսէ Տէրը,
Ձեզ պիտի չհատցնեմ։
19 Եւ եթէ ըսէք՝
‘Ի՞նչ պատճառով մեր Տէր Աստուածը այս բոլոր բաները ըրաւ մեզի’,
Դուն անոնց ըսէ.
‘Ինչպէս դուք զիս թողուցիք
Ու ձեր երկրին մէջ օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրիք,
Այնպէս ալ դուք ձերը չեղած երկրին մէջ
Օտարներու ծառայութիւն պիտի ընէք’»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
20 Ասիկա Յակոբին տանը մէջ պատմեցէք
Ու Յուդային մէջ հրատարակելով՝ ըսէք.
21 «Հիմա մտիկ ըրէ՛ք ասիկա,
Ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ,
Որ աչքեր ունիք, բայց չէք տեսներ.
Ականջներ ունիք, բայց չէք լսեր։
22 ‘Ինձմէ պիտի չվախնա՞ք’, կ’ըսէ Տէրը,
‘Իմ երեսէս պիտի չդողա՞ք,
Որ յաւիտենական հրամանով մը աւազը ծովուն սահման դրի
Եւ անկէ չանցնիր.
Թէեւ անոր ալիքները կը յարձակին, բայց չեն կրնար յաղթել,
Թէեւ անոնք կը գոռան, բայց անկէ չեն կրնար անցնիլ։
23 Սակայն այս ժողովուրդը անհնազանդ ու ապստամբ սիրտ մը ունի,
Անոնք երթալով իրենց ճամբան ծռեցին
24 Եւ իրենց սրտին մէջ չըսին՝
‘Մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք,
Որ անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը իր ատենին կու տայ
Եւ հունձքի համար որոշուած շաբաթները մեզի կը պահէ’»։
25 Ձեր անօրէնութիւնները հեռացուցին այս բաները,
Ձեր մեղքերը դադրեցուցին բարիքը։
26 Վասն զի իմ ժողովուրդիս մէջ ամբարիշտներ գտնուեցան.
Անոնք որսորդներու կծկտուելուն պէս դարանամուտ կ’ըլլան,
Որոգայթ կը լարեն, մարդիկ կը բռնեն։
27 Ինչպէս վանդակը թռչուններով լեցուն է,
Այնպէս անոնց տուները նենգութեամբ լեցուն են.
Անոր համար անոնք մեծցան ու հարստացան,
28 Գիրցան, պարարտացան
Եւ չարերուն գործերն ալ գերազանցեցին։
Անոնք արդար դատաստան չեն ըներ,
Որբին իրաւունքը չեն պաշտպաներ
(Բայց եւ այնպէս յաջողութիւն կը գտնեն)
Եւ աղքատին դատը չեն տեսներ։
29 «Միթէ այս բաներուն համար պիտի չպատժե՞մ զանոնք, կ’ըսէ Տէրը,
Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։
30 Երկրին վրայ զարմանալի ու սոսկալի գործ կ’ըլլայ։
31 Մարգարէները ստութեամբ մարգարէութիւն կ’ընեն,
Քահանաները անոնց ձեռքով կ’իշխեն։
Իմ ժողովուրդս այսպէս կ’ախորժի,
Բայց ի՞նչ պիտի ընէք, երբ ասոնց վախճանը հասնի։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԷ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ
6 1 Ո՛վ Բենիամինի որդիներ, Երուսաղէմի մէջէն քաշուեցէ՛ք
Ու Թեկուէի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք,
Բեթաքարմայի վրայ նշան վերցուցէ՛ք,
Վասն զի հիւսիսէն չարիք ու մեծ կոտորած կ’երեւնայ։
2 Սիօնին աղջիկը գեղեցիկ ու փափուկ կնոջ մը նմանցուցի։
3 Հովիւները եւ անոնց հօտերը անոր պիտի երթան,
Անոր շուրջը վրաններ պիտի կանգնեցնեն։
Ամէն մէկը իր սահմանին մէջ պիտի հովուէ։
4 «Անոր վրայ պատերազմ պատրաստեցէք.
Ելէ՛ք ու կէսօրին ելլենք.
Վա՜յ մեզի, վասն զի օրը կ’անցնի
Եւ իրիկուան ստուերները կ’երկննան»։
5 «Ելէ՛ք ու գիշերով ելլենք
Եւ անոր բերդերը կործանենք»։
6 Վասն զի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ծառեր կտրեցէ՛ք ու Երուսաղէմի դէմ պատնէշ կանգնեցուցէ՛ք։
Ասիկա պատժուելու արժանի քաղաք մըն է,
Բոլորովին հարստահարութեամբ լեցուած է։
7 Ինչպէս ջրհորը իր ջուրերը կը բղխեցնէ,
Անիկա ալ իր չարութիւնը այնպէս կը բղխեցնէ։
Անոր մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը տեսնուի,
Իմ առջեւս միշտ ցաւեր ու հարուածներ կան։
8 Ո՛վ Երուսաղէմ, խրատուէ՛, չըլլա՛յ թէ իմ հոգիս քեզմէ զատուի.
Չըլլա՛յ թէ քեզ աւերակ եւ անբնակ երկիր մը դարձնեմ»։
ԱՊՍՏԱՄԲ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
9 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իսրայէլի մնացորդները այգիի պէս
Բոլորովին ճռաքաղ պիտի ընեն.
Քու ձեռքդ՝ կթողի պէս կողովներուն դարձուր»։
10 Որո՞ւ խօսիմ ու վկայութիւն ընեմ, որ լսեն։
Ահա անոնց ականջները անթլփատ են
Եւ չեն կրնար մտիկ ընել։
Ահա Տէրոջը խօսքը անոնց առջեւ անարգուեցաւ,
Անկէ չեն ախորժիր։
11 Սակայն ես Տէրոջը բարկութիւնովը լեցուած եմ,
Ինքզինքս զսպելէն յոգնեցայ։
«Զանիկա դուրսը պիտի թափեմ տղաքներուն վրայ
Ու նաեւ երիտասարդներուն ժողովին վրայ.
Քանզի այր ու կին մարդը,
Ծերն ու տարիքը առածը պիտի բռնուին։
12 Եւ անոնց տուները, ագարակներն ու կիները մէկտեղ
Օտարներուն ձեռքը պիտի անցնին։
Վասն զի երկրին բնակիչներուն վրայ
Իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
13 «Վասն զի անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը
Ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան
Ու մարգարէէն մինչեւ քահանան
Ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։
14 Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝
‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն,
Երբ խաղաղութիւն չկայ։
15 Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ’ամչնա՞ն։
Բնաւ չեն ամչնար
Ու պատկառիլ չեն գիտեր։
Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան,
Անոնց այցելութիւն ըրած ատենս պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՄԲԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ
16 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ճամբաներու վրայ կայնեցէ՛ք ու նայեցէ՛
Եւ հին շաւիղներուն համար հարցուցէք,
Թէ ո՞րն է բարի ճամբան
Ու անոր մէջէն քալեցէք,
Որպէս զի ձեր հոգիներուն հանգիստը գտնէք.
Բայց անոնք ըսին. ‘Անոր մէջէն պիտի չքալենք’։
17 Ձեր վրայ դէտեր դրի, ըսելով.
‘Փողին ձայնին մտիկ ըրէք’.
Բայց անոնք ըսին. ‘Մտիկ պիտի չընենք’։
18 Ուրեմն, ո՜վ ազգեր, լսեցէ՛ք.
Ո՛վ ժողովուրդ, անոնց մէջ եղած բանը գիտցի՛ր։
19 Լսէ՛, ո՛վ երկիր,
Ահա ես այս ժողովուրդին վրայ՝ չարիք պիտի բերեմ
Իբր անոնց խորհուրդներուն պտուղը,
Վասն զի իմ խօսքերուս մտիկ չըրին
Եւ իմ օրէնքս ալ մերժեցին։
20 Ինչո՞ւ ինծի Սաբայէն կնդրուկ գայ
Ու հեռաւոր երկրէ՝ անուշահոտ խունկեղէգն։
Ձեր ողջակէզները ընդունելի չեն
Եւ ձեր զոհերը ինծի հաճելի չեն։
21 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Ահա ես այս ժողովուրդին առջեւ խոչեր պիտի դնեմ
Ու հայրերը որդիներուն հետ մէկտեղ անոնց զարնուելով պիտի գլորին.
Դրացին ու բարեկամը պիտի կորսուին’»։
ՀԻՒՍԻՍԷՆ ԱՍՊԱՏԱԿՆԵՐ
22 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա հիւսիսի երկրէն ժողովուրդ մը կու գայ
Ու երկրի ծայրերէն մեծ ազգ մը կ’ելլէ։
23 Անոնք աղեղ եւ նիզակ կը կրեն,
Անոնք անգութ ու անողորմ են։
Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ,
Անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն
Ու պատերազմիկի պէս
Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ դուստր Սիօնի»։
24 Անոր լուրը լսեցինք,
Ձեռքերնիս թուլցան
Եւ ցաւերը մեզ պաշարեցին՝
Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։
25 Արտերը մի՛ ելլէք ու ճամբաները մի՛ պտըտիք.
Վասն զի չորս կողմը թշնամիի սուրն ու վախը կայ։
26 Ով իմ ժողովուրդիս աղջիկը, քո՛ւրձ հագիր
Եւ մոխիրի մէջ թաւալէ
Ու խիստ դառն ողբով լաց,
Ինչպէս մէկ հատիկ տղու վրայ կու լան,
Վասն զի կործանողը յանկարծ մեր վրայ պիտի գայ։
27 «Քեզ իմ ժողովուրդիս վրայ փորձիչ կարգեցի իբր բերդ,
Որպէս զի անոնց ճամբան գիտնաս եւ փորձես։
28 Ամէնքը կամակոր ապստամբներ են,
Բանսարկութեան կը պտըտին, պղինձ ու երկաթ են.
Ամէնքը ապականած են։
29 Փքոցը այրեցաւ,
Կապարը կրակէն հատաւ.
Արծաթագործը պարապ տեղ կ’աշխատի,
Վասն զի չարերը չվտարուեցան։
30 Անոնք Անպիտան արծաթ պիտի կոչուին,
Վասն զի Տէրը զանոնք մերժեց»։
ԵՐԵՄԻԱ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ
7 1 Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.
2 «Տէրոջը տանը դուռը կեցիր
Ու հոն այս խօսքը կանչէ՛ ու ըսէ.
‘Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ բոլոր Յուդա,
Որ այս դռներէն կը մտնէք
Տէրոջը երկրպագութիւն ընելու համար’»։
3 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը կ’ըսէ.
«Ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէ՛ք,
Որպէս զի թողում, որ այստեղ բնակիք։
4 Դուք մի՛ ապաւինիք սուտ խօսքերու, որ կ’ըսեն.
‘Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը,
Տէրոջը տաճարը այս է’։
5 «Քանզի եթէ ձեր ճամբաներն ու գործերը ճշմարտապէս ուղղէք
Եւ եթէ մարդուն ու անոր ընկերին մէջտեղ
Իրաւունքը զգուշութեամբ գործադրէք,
6 Պանդուխտին, որբին ու որբեւայրիին զրկանք չընէք
Ու անմեղ արիւն չթափէք
Եւ օտար աստուածներու ետեւէ չերթաք
Որ ձեզի չարիքի պատճառ կ’ըլլայ,
7 Այն ատեն այստեղ՝ ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ՝
Պիտի բնակեցնեմ ձեզ յաւիտեանս յաւիտենից։
8 «Ահա դուք սուտ խօսքերու կ’ապաւինիք,
Որոնք չեն կրնար օգուտ մը ընել։
9 Արդեօք գողութիւն, մարդասպանութիւն եւ շնութիւն ընելով,
Սուտ երդում ընելով եւ Բահաղին խունկ ծխելով,
Ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով
10 Կրնա՞ք գալ ու իմ առջեւս կայնիլ այս տանը մէջ,
Որ իմ անունովս կոչուած է
Եւ ըսել՝ ‘Ազատուեցանք, որպէս զի այս բոլոր պղծութիւնները ընենք’։
11 «Այս տունը, որ իմ անունովս կոչուած է,
Միթէ ձեր աչքերուն առջեւ աւազակներու քարա՞յր եղաւ։
‘Ահա ես տեսայ’, կ’ըսէ Տէրը։
12 Բայց հիմա Սելովի մէջ գտնուած տեղս գացէք,
Հոն՝ ուր առաջին անգամ իմ անունս հաստատեցի
Եւ տեսէք թէ ի՞նչ ըրեր եմ անոր,
Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի չարութեան պատճառով։
13 «Ու հիմա՝ որովհետեւ այս բոլոր գործերը ըրիք՝ կ’ըսէ Տէրը,
Ու երբ ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք,
Ձեզ կանչեցի, բայց դուք պատասխան չտուիք.
14 Ես ալ այս ձեր ապաւինած տանը,
Որ իմ անունովս կոչուած է
Եւ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած տեղիս
Պիտի ընեմ այնպէս՝ ինչպէս Սելովին ըրի։
15 Ինչպէս ձեր բոլոր եղբայրները,
Եփրեմի բոլոր սերունդը վռնտեցի,
Այնպէս ալ ձեզ իմ առջեւէս պիտի վռնտեմ’»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
16 «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ
Եւ անոնց համար աղաղակ ու աղաչանք մի՛ մատուցաներ
Ու բարեխօսութիւն մի՛ ըներ,
Քանզի քեզի մտիկ պիտի չընեմ։
17 Դուն չե՞ս տեսներ թէ անոնք ի՛նչ կ’ընեն
Յուդայի քաղաքներուն եւ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ։
18 Տղաքները փայտ կը հաւաքեն,
Հայրերը կրակ կը վառեն,
Կիները խմոր կը շաղեն՝
Երկնքի թագուհիին բլիթներ շինելու համար
Եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանեն,
Որպէս զի զիս բարկացնեն»։
19 «Միթէ անոնք զի՞ս կը բարկացնեն, կ’ըսէ Տէրը,
Չէ՞ որ իրենց անձը կը խռովեն իրենց երեսին ամօթին համար»։
20 Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան.
«Ահա իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս
Այս տեղին վրայ պիտի թափին՝
Մարդու վրայ եւ անասունի վրայ
Ու դաշտի ծառերուն վրայ
Ու երկրի պտուղներուն վրայ՝
Եւ պիտի բռնկի ու պիտի չմարի»։
21 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
«Ձեր ողջակէզները ձեր զոհերուն վրայ աւելցուցէ՛ք եւ մի՛ս կերէք։
22 Վասն զի ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանած օրս,
Անոնց բան մը չըսի ողջակէզի ու զոհի մասին,
Ո՛չ ալ անոնց հրամայեցի.
23 Բայց անոնց հետեւեալը հրամայեցի ու ըսի.
‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէք։
Ես ձեզի Աստուած ըլլամ
Ու դուք ինծի ժողովուրդ եղէք։
Ձեզի հրամայուած ճամբաներուն մէջէն քալեցէք,
Որպէս զի ձեզի աղէկ ըլլայ’։
24 Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջ չկախեցին,
Հապա իրենց չար սրտին կամակորութիւնովը
Իրենց խորհուրդներուն հետեւեցան
Ու ե՛տ գացին եւ ո՛չ թէ յառաջ։
25 Ձեր հայրերուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօր
Իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի։
Ամէն օր կանուխ ելլելով կը ղրկէի
26 Ու ինծի մտիկ չըրին եւ ականջ չկախեցին,
Հապա իրենց պարանոցը խստացուցին,
Իրենց հայրերէն աւելի չար եղան»։
27 «Դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց պիտի ըսես,
Բայց քեզի մտիկ պիտի չընեն։
Զանոնք պիտի կանչես,
Բայց քեզի պատասխան պիտի չտան։
28 Այն ատեն անոնց ըսէ՛.
‘Իր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չընող
Ու խրատ չընդունող ազգը ասիկա է։
Ճշմարտութիւնը կորսուեցաւ ու անոնց բերնէն կտրուեցաւ’։
ՄԵՂՍԱԼԻՑ ԳՈՐԾԵՐ ԵՆՈՎՄԻ ՁՈՐԻՆ ՄԷՋ
29 «Մազերդ կտրէ՛ ու նետէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ
Եւ բլուրներուն վրայ ողբա՛.
Քանզի Տէրը մերժեց ու երեսէ ձգեց այն ազգը
Որուն դէմ շատ սրդողեր էր»։
30 «Յուդային որդիները իմ առջեւս չարութիւն գործեցին, կ’ըսէ Տէրը,
Իրենց գարշելի բաները իմ անունովս կոչուած տանը մէջ դրին,
Որպէս զի զանիկա պղծեն։
31 Ենովմի որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթին բարձր տեղեր շինեցին՝
Իրենց տղաքն ու աղջիկները կրակով այրելու համար,
Որ անոնց չհրամայեցի ու մտքէս ալ անցած չէր»։
32 «Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,
Որ ա՛լ Տօփեթ կամ Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի,
Հապա՝ Սպանութեան ձոր
Եւ Տօփեթի մէջ մեռելներ պիտի թաղեն մինչեւ որ ա՛լ տեղ չմնայ։
33 Ու այս ժողովուրդին դիակները
Երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան
Եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։
34 Ու Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի փողոցներէն
Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը,
Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ,
Վասն զի երկիրը պիտի ամայանայ»։
8 1 «Այն ժամանակ, կ’ըսէ Տէրը,
Յուդայի թագաւորներուն ոսկորները,
Անոր իշխաններուն ոսկորները,
Քահանաներուն ոսկորները,
Մարգարէներուն ոսկորները,
Երուսաղէմի բնակիչներուն ոսկորները
Իրենց գերեզմաններէն պիտի հանեն
2 Եւ պիտի ցրուեն զանոնք արեւուն առջեւ ու լուսնին առջեւ
Եւ երկնքի բոլոր զօրքերուն առջեւ,
Որոնք սիրեցին ու անոնց ծառայեցին
Եւ անոնց ետեւէն գացին
Ու զանոնք փնտռեցին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին։
Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին,
Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան»։
3 «Մահը կեանքէն աւելի ցանկալի պիտի ըլլայ
Այս չար ազգին բոլոր մնացորդներուն,
Որոնք մնացեր են այն տեղերը,
Ուր զանոնք վռնտեր եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
ՄԵՂՔ ԵՒ ՊԱՏԻԺ
4 «Ու անոնց ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Միթէ անոնք պիտի իյնան ու պիտի չելլե՞ն.
Կամ մէկը ճամբայէն կը խոտորի ու ետ չի՞ դառնար’։
5 Ինչո՞ւ այս Երուսաղէմի ժողովուրդը մշտատեւ խոտորումով խոտորեցաւ։
Անոնք նենգութեան յարեցան, դառնալ չուզեցին։
6 Ականջ դրի ու մտիկ ըրի,
Անոնք շիտակ չեն խօսիր.
Մարդ մը չկայ, որ իր չարութեան համար զղջայ
Ու ըսէ թէ՝ ‘Ի՛նչ գործեցի’.
Ամէնքը իրենց ընթացքին դարձան՝
Պատերազմի վազող ձիու պէս։
7 Արագիլը անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը գիտէ
Ու տատրակը եւ կռունկը ու ծիծեռնակը
Իրենց գալուստին ժամանակը կը ճշդեն,
Բայց իմ ժողովուրդս Տէրոջը դատաստանը չի գիտեր»։
8 «Ի՞նչպէս կ’ըսէք՝ ‘Մենք իմաստուն ենք
Ու Տէրոջը օրէնքը մեր քով է’։
Իրաւցնէ ահա դպիրներուն սուտ գրիչը կը ստէ։
9 Իմաստունները ամչցան, անոնք զարհուրեցան ու բռնուեցան,
Ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին,
Ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ։
10 Ուստի անոնց կիները՝ օտարներուն,
Անոնց ագարակները անոնց տիրողներուն պիտի տամ,
Վասն զի պզտիկէն մինչեւ մեծը, ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան.
Մարգարէէն մինչեւ քահանան, ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։
11 Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝
‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն,
Երբ խաղաղութիւն չկայ։
12 Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ’ամչնա՞ն։
Բնաւ չեն ամչնար
Ու պատկառիլ չեն գիտեր։
Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան»։
«Անոնց այցելութիւն եղած ատենը պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։
13 «Զանոնք բոլորովին բնաջինջ պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։
«Որթատունկին վրայ խաղող պիտի չըլլայ
Եւ թզենիին վրայ թուզ պիտի չըլլայ.
Անոնց տերեւներն ալ պիտի թառամին
Ու ինչ որ անոնց տուի անոնցմէ պիտի անհետանայ»։
14 «Մենք ինչո՞ւ կը նստինք.
Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտնենք
Եւ հոն լուռ կենանք,
Վասն զի մեր Տէր Աստուածը մեզ լռեցուց,
Ու մեզի դառնութեան ջուր խմցուց,
Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք։
15 Խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ,
Բժշկութեան սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան։
16 «Անոր ձիերուն փռնչիւնը Դանէն լսուեցաւ.
Անոր երիվարներուն խրխնջիւնէն
Բոլոր երկիրը շարժեցաւ։
Վասն զի պիտի գան ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը,
Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի ուտեն»։
17 «Քանզի ահա ձեր մէջ օձեր,
Քարբեր պիտի ղրկեմ, որոնք թովչութենէ չեն ազդուիր
Եւ ձեզ պիտի խայթեն», կ’ըսէ Տէրը։
18 Իմ զուարթութիւնս տրտմութեան փոխուեցաւ,
Իմ սիրտս ներսիդիս կը մարի։
19 Ահա հեռաւոր երկրէ եկողներուն պատճառով՝
Իմ ժողովուրդիս աղջկան ողբերուն ձայնը.
«Միթէ Տէրը Սիօնի մէջ չէ՞,
Անոր Թագաւորը հոն չէ՞»։
Ինչո՞ւ իրենց քանդակած կուռքերովը
Ու օտարներուն ունայնութիւններովը զիս բարկացուցին։
20 Հունձքին ատենը անցաւ, ամառը վերջացաւ,
Բայց մենք չփրկուեցանք։
21 Իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքին համար վշտացայ,
Ողբացի ու սոսկումը զիս պատեց։
22 Միթէ Գաղաադի մէջ բալասան չկա՞յ,
Հոն բժիշկ չկա՞յ.
Հապա ինչո՞ւ համար իմ ժողովուրդիս աղջիկը բժշկութիւն չգտաւ։
9 1 Երանի՜ թէ գլուխս՝ ջուրի
Ու աչքերս արցունքի աղբիւր ըլլային,
Որպէս զի ցորեկ ու գիշեր լայի
Իմ ժողովուրդիս աղջկան սպաննուածներուն համար։
2 Երանի՜ թէ անապատի մէջ ճամբորդներու իջեւան մը ունենայի,
Որպէս զի իմ ժողովուրդս ձգէի ու անոնցմէ հեռանայի.
Վասն զի ամէնքը շնացողներ են
Ու նենգաւորներու ընկերութիւն են։
3 Իրենց լեզուները իրենց աղեղներուն պէս կը լարեն ստութեան համար,
Բայց ճշմարտութեան համար երկրի վրայ քաջութիւն չունին.
Վասն զի չարութենէ չարութիւն կ’երթան
Ու զիս չեն ճանչնար, կ’ըսէ Տէրը։
4 Ամէն մարդ թող իր ընկերէն զգուշանայ։
Բնաւ եղբօր մը մի՛ ապաւինիք.
Վասն զի ամէն եղբայր խաբէութիւն կը հնարէ
Եւ ամէն ընկեր բանսարկութիւն կ’ընէ
5 Ու ամէն մարդ իր ընկերը կը խաբէ
Եւ ճշմարտութիւն չի խօսիր։
Անոնք իրենց լեզուները սուտ խօսելու վարժեցուցած են,
Անօրէնութիւն ընելով կը յոգնին։
6 Քու բնակարանդ նենգութեան մէջ է։
Նենգութեան պատճառով զիս ճանչնալ չեն ուզեր, կ’ըսէ Տէրը։
7 Անոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա զանոնք պիտի հալեցնեմ ու պիտի փորձեմ,
Վասն զի իմ ժողովուրդիս համար ի՞նչ կրնամ ընել։
8 Անոնց լեզուն մահաբեր նետ է։
Նենգութիւն կը խօսի,
Բերնովը իր ընկերին հետ խաղաղութեամբ կը խօսի,
Բայց սրտով անոր դարան կը պատրաստէ։
9 «Միթէ այս բաներուն համար անոնք պիտի չպատժե՞մ, կ’ըսէ Տէրը,
Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։
10 «Լեռներուն համար լաց ու ողբ եւ անապատի արօտներուն համար կոծ պիտի ընեմ.
Վասն զի այրեցան,
Անկէ մարդ չ’անցնիր ու խաշինքներու ձայն չի լսուիր.
Օդին թռչուններէն մինչեւ անասունները փախան, գացին։
11 Երուսաղէմը՝ աւերակներու դէզեր
Եւ չագալներու բնակարան պիտի ընեմ
Ու Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի դարձնեմ»
12 Ո՞վ է այն իմաստուն մարդը, որ ասիկա հասկնայ
Եւ անոր՝ Աստուծոյ բերանը խօսած ըլլայ, որ ասիկա յայտնէ,
Թէ երկիրը ինչո՛ւ համար աւերուեցաւ
Ու այրած անապատի պէս եղաւ,
Ուրկէ մարդ չանցնիր։
13 Եւ Տէրը ըսաւ.
«Քանի որ անոնք իմ օրէնքս ձգեցին,
Որ իրենց առջեւ դրեր էի
Ու իմ ձայնիս մտիկ չընելով՝ անոր համեմատ չքալեցին,
14 Հապա իրենց սրտին կամակորութեանը
Եւ հայրերուն իրենց սորվեցուցած Բահաղամին ետեւէն գացին,
15 Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես այս ժողովուրդին օշինդր պիտի կերցնեմ
Ու անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ։
16 Զանոնք պիտի ցրուեմ այն ազգերուն մէջ,
Որոնք ո՛չ իրենք ճանչցան, ո՛չ ալ իրենց հայրերը։
Անոնց վրայ սուր պիտի ղրկեմ,
Մինչեւ որ զանոնք հատցնեմ»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄՑԻՆԵՐԸ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ
17 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Մտածեցէ՛ք ու լալկան կիներ կանչեցէ՛ք որ գան
Եւ հանճարեղ կիներուն լուր ղրկեցէ՛ք, որ գան
18 Ու մեզի համար շուտով ողբի ձայն բարձրացնեն,
Որպէս զի մեր աչքերը արցունքներ իջեցնեն
Եւ մեր արտեւանունքները ջուրեր վազցնեն.
19 Քանզի Սիօնէն ողբի ձայն լսուեցաւ.
‘Ի՜նչպէս կործանեցանք, խիստ ամչցանք,
Վասն զի երկիրը թողուցինք,
Վասն զի թշնամիները հիմնայատակ ըրին մեր բնակարանները’»։
20 Ուրեմն, ո՛վ կիներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք
Եւ ձեր ականջները անոր բերնին խօսքը թող ընդունին
Ու ձեր աղջիկներուն ո՛ղբ սորվեցուցէք
Եւ ամէն կին իր դրացիին եղերերգութիւն թող սորվեցնէ։
21 Վասն զի մահը մինչեւ մեր պատուհանները ելաւ,
Մեր պալատները մտաւ,
Որպէս զի փողոցներէն՝ տղաքները
Ու հրապարակներէն երիտասարդները բնաջինջ ընէ։
22 Ըսէ թէ «Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Մարդոց դիակները պիտի իյնան
Արտերու երեսին վրայ եղող աղբին պէս,
Կամ հնձողներուն ետեւը մնացած խուրձի պէս
Եւ պիտի չըլլայ մէկը, որ զանոնք հաւաքէ’»։
23 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իմաստունը իր իմաստութիւնովը թող չպարծի
Ու զօրաւորը իր զօրութիւնովը թող չպարծի,
Հարուստը իր հարստութիւնովը թող չպարծի.
24 Բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի,
Որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ
Եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը,
Որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ.
Քանզի ես ասոնց կը հաճիմ»։
25 «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ բոլոր թլփատուածներուն ու անթլփատներուն,
26 Եգիպտոսի եւ Յուդայի ու Եդովմի
Եւ Ամմոնի որդիներուն ու Մովաբի
Եւ իրենց մօրուքին ծայրերը կտրող անապատի բոլոր բնակիչներուն
Պիտի այցելեմ.
Վասն զի բոլոր ազգերը անթլփատ են
Ու բոլոր Իսրայէլի տունը սրտով անթլփատ է»։
ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԻՒՆ
10 1 Ո՛վ Իսրայէլի տուն,
Տէրոջը ձեզի համար ըսած խօսքը լսեցէք։
2 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ազգերուն ճամբաները մի՛ սորվիք
Ու երկնքի նշաններէն մի՛ զարհուրիք,
Վասն զի անոնցմէ հեթանոսները կը զարհուրին։
3 Քանզի ժողովուրդներուն սովորութիւնները ունայնութիւն են,
Քանզի անտառէն փայտ կը կտրեն,
Անիկա արուեստագէտին ձեռքերուն գործն է՝ տապարով գործուած։
4 Զանիկա արծաթով եւ ոսկիով կը զարդարեն
Ու գամերով եւ ուռերով կը գամեն զանիկա ու չի շարժիր։
5 Անոնք արմաւենիի պէս շիտակ են, բայց չեն խօսիր.
Անոնք անշուշտ պիտի վերցուին, վասն զի չեն կրնար քալել։
Անոնցմէ մի՛ վախնաք, վասն զի չարիք մը չեն կրնար հասցնել,
Ո՛չ ալ բարիք ընելու կարող են։
6 Ո՛վ Տէր, քեզի նման մէ՛կը չկայ.
Դուն մեծ ես ու քու անունդ զօրութեամբ մեծ է։
7 Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ո՛վ ազգերու Թագաւոր,
Քանզի քեզի կը վայլէ.
Վասն զի ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջ
Եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ
Քեզի նման մէ՛կը չկայ։
8 Բայց անոնք բոլորովին անբան ու անմիտ են.
Անոնց կրօնքը ունայնութեան վարդապետութիւն է, փայտ է։
9 Թարսիսէն՝ ծեծուած արծաթ
Եւ Ոփազէն ոսկի կը բերուի։
Անոնք վարպետի ու ոսկերիչի ձեռքերու գործ են։
Անոնց զգեստը կապուտակ ու ծիրանի է.
Բոլորը վարպետներու գործեր են։
10 Սակայն Եհովան ճշմարիտ Աստուած է,
Անիկա կենդանի Աստուած է եւ յաւիտենական Թագաւոր։
Անոր բարկութենէն երկիրը կը դողայ
Ու ազգերը անոր սրտմտութեանը չեն դիմանար։
11 Անոնց այսպէս ըսէք.
«Այն աստուածները, որոնք երկինքն ու երկիրը չշինեցին,
Երկրէն ու երկինքներուն տակէն պիտի կործանին»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
12 Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց,
Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։
Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։
13 Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։
Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ.
Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ,
Հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։
14 Ամէն մարդ գիտութենէն զրկուած՝ անասուն դարձաւ.
Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ,
Վասն զի ձուլուած կուռքը ստութիւն է։
Անոնք հոգի չունին,
15 Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են,
Անոնց այցելութիւն եղած ատեն անոնք պիտի կորսուին։
16 Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ,
Վասն զի անիկա ամէն բան Ստեղծողն է։
Իսրայէլ անոր ժառանգութեանը վիճակն է։
Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։
ՄՕՏԵՑՈՂ ԱՔՍՈՐԸ
17 Ո՛վ բերդի մէջ բնակող,
Քու ապրանքներդ երկրէն հաւաքէ՛,
18 Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես այս անգամ երկրին բնակիչները դուրս պիտի նետեմ
Ու զանոնք նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ, որպէս զի զգան»։
19 Վա՜յ ինծի իմ հարուածիս համար,
Իմ վէրքս անդարմանելի է
Եւ ես ըսի. «Իրաւցնէ ասիկա ցաւ է
Ու զանիկա պիտի կրեմ»։
20 Իմ վրանս կործանուեցաւ եւ բոլոր չուաններս փրթան.
Տղաքներս ինձմէ հեռացան ու չկան.
Ասկէ յետոյ վրանս կանգնեցնող
Ու վարագոյրներս կախող չկայ։
21 Վասն զի հովիւները յիմարացան
Եւ Տէրը չխնդրեցին.
Անոր համար յաջողութիւն չգտան
Ու անոնց բոլոր հօտը ցրուեցաւ։
22 Ահա հիւսիսի երկրէն գուժի ձայն
Եւ մեծ խռովութիւն կու գայ,
Որպէս զի Յուդայի քաղաքները աւերակ
Ու չագալներու բնակարան ընէ։
23 Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ,
Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։
24 Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ, բայց չափաւորութեամբ,
Ո՛չ թէ քու բարկութիւնովդ, չըլլայ թէ զիս սպառես։
25 Քու սրտմտութիւնդ քեզ չճանչցող ազգերուն վրայ եւ քու անունդ չկանչող Ազգատոհմերուն վրայ թափէ. վասն զի Յակոբը կերան։
Զանիկա կերան ու հատցուցին
Եւ անոր բնակավայրը աւերակ դարձուցին։
ԵՐԵՄԻԱ ԵՒ ՈՒԽՏԸ
11 1 Ահա խօսքը, որ Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 2 «Այս ուխտին խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք եւ Յուդայի մարդոցը ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն ալ յայտնեցէ՛ք։ Եւ դուն անոնց ըսէ՛. 3 Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մտիկ չ’ըներ այն ուխտին խօսքերուն, 4 Որոնք ես ձեր հայրերուն պատուիրեցի Եգիպտոսի երկրէն, այն երկաթի հնոցէն զանոնք հանած օրս ու ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք ու ձեզի հրամայածս գործադրեցէ՛ք, որպէս զի դուք իմ ժողովուրդս ըլլաք ու ես ձեր Աստուածը ըլլամ. 5 Որպէս զի հաստատեմ այն երդումը, որ ձեր հայրերուն ըրի, այնպիսի երկիր մը տալու անոնց, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ’։ Եւ ես պատասխան տուի ու ըսի. ‘Ամէն, ո՛վ Տէր’»։
6 Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս բոլոր խօսքերը Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կանչելով՝ ըսէ՛. ‘Այս ուխտին խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք ու զանոնք գործադրեցէք’, 7 Վասն զի ձեր հայրերը խստութեամբ խրատեցի, զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս մինչեւ այսօր, կանուխ ելլելով ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք’։ 8 Բայց անոնք մտիկ չըրին ու իրենց ականջը չխոնարհեցուցին, հապա ամէն մարդ իր չար սրտին կամակորութեանը համեմատ քալեց, ուստի ես ալ անոնց վրայ պիտի բերեմ այն ուխտին բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոնց պատուիրեցի որ ընեն, բայց անոնք չըրին’։ 9 Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Յուդայի մարդոցը մէջ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն մէջ դաւաճանութիւն գտնուեցաւ։ 10 Անոնք իմ խօսքերուս մտիկ չընելով՝ իրենց նախահայրերուն անօրէնութիւններուն դարձան եւ օտար աստուածներու ետեւէ գացին, որպէս զի անոնց ծառայութիւն ընեն։ Իսրայէլի տունը ու Յուդայի տունը իրենց հայրերուն հետ ըրած ուխտս աւրեցին’։
11 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես այնպիսի չարիք պիտի բերեմ անոնց վրայ,
Որմէ կարող պիտի չըլլան ազատիլ։
Ինծի պիտի աղաղակեն, բայց անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։
12 Յուդայի քաղաքներն ու Երուսաղէմի բնակիչները պիտի երթան,
Պիտի աղաղակեն այն աստուածներուն, որոնց խունկ ծխեր էին.
Բայց անոնց ձախորդութեան ժամանակը
Բնաւ պիտի չազատեն զանոնք։
13 Քանզի քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա,
Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան,
Երուսաղէմի փողոցներուն թիւին չափ։
Ամօթալից կռապաշտութեան համար սեղաններ,
Բահաղին խունկ ծխելու համար սեղաններ կանգնեցուցիք։
14 «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ
Ու անոնց համար խնդրուածքով ու պաղատանքով մի՛ աղաչեր.
Քանզի երբ իրենց վրայ հասած չարիքին համար ինծի աղաղակեն,
Անոնց մտիկ պիտի չընեմ։
15 Իմ սիրելիս ի՞նչ բաժին ունի իմ տանս մէջ,
Քանի որ շատերուն հետ անօրէնութիւն գործեր է.
Սուրբ զոհն ալ քեզմէ վերցուեցաւ։
Քանզի դուն քու չարութիւնովդ կ’ուրախանաս։
16 Տէրը քու անունդ
Կանանչ, գեղեցիկ ու բարեպտուղ ձիթենի դրաւ,
Բայց անոր վրայ մեծ աղմուկի ձայնով կրակ բռնկցուց
Եւ անոր ոստերը սպառեցան։
17 Քեզ տնկող զօրքերու Տէրը
Քեզի չարիք կամեցաւ։
Իսրայէլի տանը ու Յուդայի տանը չարութեանը համար,
Որ անոնք գործեցին
Եւ Բահաղի խունկ ծխելով՝ զիս բարկացուցին»։
ԴԱՒ ՄԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ԴԷՄ
18 Տէրը ինծի գիտցուց ու զանիկա գիտցայ.
Այն ատեն ինծի անոնց չար գործերը ցուցուց։
19 Բայց ես մորթուելու տարուող ընտանեցած գառի մը պէս էի
Ու չէի գիտեր թէ անոնք ինծի համար նենգութիւններ կը հնարէին՝ ըսելով.
«Ծառը իր պտուղովը կործանենք
Եւ զանիկա կենդանիներուն երկրէն բնաջինջ ընենք,
Որ անոր անունը անգամ մըն ալ չյիշուի»։
20 Սակայն, ո՛վ Տէր զօրութիւններու, արդա՛ր Դատաւոր,
Որ սիրտն ու միտքը կը քննես,
Անոնցմէ առնելիք վրէժդ ինծի ցուցուր,
Քանզի իմ դատս քեզի յանձնեցի։
21 Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ Անաթովթի մարդոցը համար,
Որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն ու կ’ըսեն.
«Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն մի՛ ըներ,
Որպէս զի մեր ձեռքերովը չմեռնիս»։
22 Անոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես զանոնք պիտի պատժեմ,
Կտրիճները սուրով պիտի մեռնին,
Անոնց տղաքներն ու աղջիկները սովամահ պիտի ըլլան,
23 Անոնցմէ մէկը պիտի չմնայ.
Վասն զի ես Անաթովթի մարդոցը վրայ՝
Անոնց պատուհասի տարին՝ չարիք պիտի բերեմ»։
ԵՐԵՄԻԱ ՏԷՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՊՆԴԷ
12 1 Ո՛վ Տէր, երբ քեզի դէմ գանգատիմ, դուն արդար պիտի գտնուիս.
Սակայն իրաւունքի վրայով պիտի խօսիմ քեզի.
Ինչո՞ւ ամբարիշտներուն ճամբան կը յաջողի
Ու բոլոր նենգութիւն ընողները հանգստութիւն կը վայելեն։
2 Դուն զանոնք տնկեցիր եւ անոնք արմատացան։
Անոնք կ’աճին ու պտուղ կու տան։
Դուն անոնց բերնին մօտ ես,
Բայց անոնց սրտէն հեռու ես։
3 Դուն, ո՛վ Տէր, զիս ճանչցար,
Զիս տեսար ու իմ միտքս քու առջեւդ քննեցիր։
Զատէ զանոնք մորթուելու ոչխարներու պէս,
Սպանդի օրուան համար պատրաստէ։
4 Մինչեւ ե՞րբ երկիրը սուգ պիտի բռնէ
Իր բնակիչներուն չարութեանը համար
Ու բոլոր դաշտին խոտը պիտի չորնայ։
Անասուններն ու թռչունները հեռացան,
Վասն զի ըսին. «Անիկա մեր վախճանը պիտի չտեսնէ»։
5 «Եթէ դուն հետեւակներուն հետ վազեցիր ու քեզ յոգնեցուցին,
Հապա ձիաւորներուն հետ ի՞նչպէս պիտի մրցիս։
Դուն որ խաղաղութեան երկրին մէջ ապահով ես,
Ի՞նչ պիտի ընես՝ երբ Յորդանան գետը յորդի։
6 Քանզի քու եղբայրներդ ու քու հօրդ տունն ալ,
Անոնք անգամ քեզի դէմ նենգութիւն ըրին
Եւ քու ետեւէդ բարձրաձայն աղաղակեցին։
Թէեւ անոնք քեզի աղէկ բաներ ալ խօսին,
Դուն անոնց մի՛ հաւատար»։
ՏԷՐՈՋԸ ՎԻՇՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
7 «Իմ տունս թողուցի, իմ ժառանգութիւնս ձգեցի,
Հոգիիս սիրածը իր թշնամիներուն ձեռքը տուի։
8 Իմ ժառանգութիւնս անտառի առիւծին պէս եղաւ ինծի,
Անիկա բարձր ձայնով իմ վրաս պոռաց։
Այդ պատճառով զանիկա ատեցի։
9 Իմ ժառանգութիւնս գոյնզգոյն թռչունի մը պէս եղաւ ինծի,
Թռչունները անոր չորս կողմն են։
Եկէ՛ք, անապատին բոլոր գազանները հաւաքեցէ՛ք,
Բերէ՛ք, որ ուտեն։
10 Շատ հովիւներ իմ այգիս աւերեցին,
Իմ բաժինս ոտնակոխ ըրին
Եւ իմ ցանկալի վիճակս ամայի անապատի դարձուցին։
11 Զանիկա ամայութեան դարձուցին,
Որը ամայի ըլլալով իմ առջեւս սուգ բռնեց։
Բոլոր երկիրը ամայացաւ,
Քանզի մարդ մը չկայ, որ այս բաներուն մասին մտածէ։
12 Անապատին բոլոր բլուրներուն վրայ աւարառուներ եկան.
Վասն զի Տէրոջը սուրը կ’ուտէ
Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը։
Ոեւէ մարմնի խաղաղութիւն չկայ։
13 Ցորեն ցանեցին, բայց փուշ պիտի հնձեն.
Աշխատանք թափեցին, բայց օգուտ պիտի չտեսնեն.
Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը պատճառով
Ձեր արդիւնքներէն պիտի ամչնաք։
ՏԷՐՈՋԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
14 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը իմ չար դրացիներուս համար,
Որոնք իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին տուած ժառանգութեան կը դպչին.
«Ահա ես զանոնք իրենց երկրին երեսէն պիտի խլեմ,
Յուդային տունն ալ անոնց մէջէն պիտի խլեմ։
15 Զանոնք խլելէս ետքը
Պիտի դառնամ անոնց ողորմիմ
Եւ ամէն մէկը՝ իր ժառանգութեանը
Ու ամէն մէկը իր երկիրը պիտի դարձնեմ։
16 Եթէ անոնք իմ ժողովուրդիս ճամբաները սորվին
Ու իմ անունովս երդում ընեն՝ ըսելով ‘Կենդանի է Տէրը’
(Ինչպէս անոնք իմ ժողովուրդիս՝ Բահաղի անունովը երդում ընել սորվեցուցին),
Այն ատեն իմ ժողովուրդիս մէջ պիտի հաստատուին։
17 Բայց եթէ մտիկ չընեն,
Այն ատեն այն ազգը արմատէն պիտի խլեմ
Ու պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
ՔԹԱՆԷ ԳՕՏԻՆԵՐԸ
13 1 Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Գնա՛, քեզի քթանէ գօտի մը ծախու ա՛ռ եւ զանիկա մէջքդ կապէ՛ ու զանիկա ջուրը մի՛ խոթեր»։ 2 Ուստի Տէրոջը խօսքին համաձայն գօտին ծախու առի ու մէջքս կապեցի։ 3 Երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 4 «Այն ծախու առած գօտիդ, որ քու մէջքդ է, ա՛ռ ու ելի՛ր Եփրատ գնա եւ հոն վէմին ծակին մէջ պահէ՛ զանիկա»։ 5 Ես գացի եւ զանիկա Եփրատի եզերքը պահեցի, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց։ 6 Եւ շատ օրեր ետքը Տէրը ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, Եփրատ գնա՛, անկէ ա՛ռ այն գօտին, որ քեզի հրամայեցի հոն պահել»։ 7 Ես ալ Եփրատ գացի ու փորելով՝ գօտին այն պահած տեղէս առի. բայց գօտին փտտեր էր ու բնաւ բանի մը չէր գար։
8 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով.
9 «Յուդային հպարտութիւնը
Ու Երուսաղէմին մեծ հպարտութիւնը այդպէս պիտի աւրեմ։
10 Այս չար ժողովուրդը,
Որ իմ խօսքերս լսել չեն ուզեր
Ու իրենց սրտին կամակորութիւնովը կը քալեն,
Օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթան
Անոնց ծառայութիւն ընելու եւ անոնց երկրպագութիւն ընելու համար՝
Այդ անպիտան գօտիին պէս պիտի ըլլան։
11 Վասն զի ինչպէս մարդը գօտին իր մէջքը կը կապէ,
Իսրայէլին բոլոր տունն ու Յուդային բոլոր տունը
Ինծի այնպէս կապեր էի, կ’ըսէ Տէրը,
Որպէս զի ինծի ժողովուրդ ըլլան,
Նաեւ՝ անուն եւ փառք ու պարծանք։
Բայց անոնք մտիկ չըրին։
ԳԻՆԻԻ ՏԻԿԸ
12 Նաեւ այս խօսքը ըսէ անոնց.
‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
«Ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի»’.
Բայց անոնք քեզի պիտի ըսեն.
‘Միթէ մենք չե՞նք գիտեր թէ ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի’։
13 Դուն ալ անոնց ըսէ.
‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
Ահա ես այս երկրին բոլոր բնակիչները
Ու Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները
Եւ քահանաներն ու մարգարէները
Ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները արբեցութեամբ պիտի լեցնեմ
14 Եւ զանոնք իրարու զարնելով պիտի կոտրտեմ,
Հայրերը տղոցը հետ մէկտեղ կ’ըսէ Տէրը
Եւ անոնց պիտի չգթամ ու պիտի չխնայեմ
Եւ առանց ողորմելու զանոնք բնաջինջ պիտի ընեմ’։
ԵՐԵՄԻԱ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
15 Մտի՛կ ըրէք, ակա՛նջ տուէք, մի՛ հպարտանաք,
Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։
16 Ձեր Տէր Աստուծոյն փառք տուէ՛ք՝
Դեռ խաւարը ձեր վրայ չհասած
Ու ձեր ոտքերը մութ լեռներու վրայ չհասած
Եւ ձեր լոյսի սպասած ատենը
Աստուած զանիկա մահուան ստուերի չփոխած
Ու զանիկա թանձր մէգի չդարձուցած։
17 Բայց եթէ մտիկ չընէք,
Ձեր հպարտութեանը համար իմ հոգիս ծածուկ տեղեր պիտի լայ
Եւ իմ աչքս դառնօրէն պիտի լայ ու արցունք պիտի թափէ,
Վասն զի Տէրոջը հօտը գերի առնուեցաւ։
18 Թագաւորին ու թագուհիին ըսէ.
«Ձեր անձը խոնարհեցուցէ՛ք ու գետնի վրայ նստեցէ՛ք,
Վասն զի ձեր գլխէն ձեր փառաւոր թագը ինկաւ»։
19 Հարաւային քաղաքները գոցուեցան
Ու բացող մը չկայ.
Բոլոր Յուդա գերութեան գնաց.
Ամէնքը գերութեան գացին։
20 «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք եւ հիւսիսի կողմէն եկողներուն նայեցէ՛ք.
Քեզի տրուած հօտը, քու փառքերուդ խաշինքը ո՞ւր են։
21 Ի՞նչ պիտի ըսես, երբ քեզի այցելութիւն ընեն,
Վասն զի դուն անոնց սորվեցուցիր, որ քու վրադ իշխան եւ գլուխ ըլլան.
Միթէ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւեր պիտի չբռնե՞ն։
22 Ու եթէ սրտիդ մէջ ըսես.
‘Այս բաները ինչո՞ւ հանդիպեցան ինծի’,
Քու անօրէնութեանդ շատութենէն քու քղանցքներդ բացուեցան
Եւ գարշապարներդ բռնութեամբ մերկացան։
23 Միթէ կարելի՞ է որ Եթովպիացին իր մորթը՝
Կամ ինձը իր խայտուցները փոխէ,
Որ դուք ալ, չարութիւն ընելու սորված ըլլալով,
Կարենաք աղէկութիւն ընել։
24 Ուստի անապատի հովէն վերցուած մղեղի պէս
Պիտի ցրուեմ զանոնք։
25 Այս է քու վիճակդ եւ քու բաժինդ,
Որ ես քեզի որոշեցի, կ’ըսէ Տէրը,
Քանզի զիս մոռցար ու ստութեան ապաւինեցար։
26 Ուստի ես ալ քու քղանցքներդ քու երեսիդ վրայ վերցուցի
Ու քու անարգանքդ երեւցաւ։
27 Ես քու շնութիւններդ ու վրնջիւններդ
Եւ քու լիրբ պոռնկութիւնդ
Ու բլուրներու վրայ եւ դաշտի վրայ քու ըրած պղծութիւններդ տեսայ։
Վա՜յ քեզի, ո՛վ Երուսաղէմ.
Պիտի չմաքրուի՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ»։
ԱՀԱՒՈՐ ԵՐԱՇՏԸ
14 1 Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիային եղաւ երաշտութեան վրայով։
2 «Յուդան սուգ կը բռնէ
Եւ անոր դռները կը նուաղին։
Անոնք գետնի վրայ տրտում կը նստին,
Երուսաղէմին աղաղակը բարձրացաւ։
3 Անոնց ազնուականները իրենց մանուկները ջուրի կը ղրկեն։
Անոնք աւազանները գացին, բայց ջուր չգտան
Եւ դարձան՝ իրենց պարապ ամաններով։
Ամչցան ու պատկառեցան եւ գլուխնին ծածկեցին։
4 Երկրի վրայ անձրեւ չըլլալուն պատճառով ու
Գետինը ճաթելուն համար,
Երկրագործները ամչցան եւ գլուխնին ծածկեցին։
5 Քանզի եղնիկը դաշտի մէջ ծնաւ,
Բայց խոտ չըլլալուն համար իր ձագը թողուց։
6 Վայրենի էշերը բլուրներու վրայ կայնեցան
Եւ չագալներու պէս օդը ծծեցին։
Աչքերնին տկարացաւ, վասն զի խոտ չկար։
7 Թէեւ մեր անօրէնութիւնները մեզի դէմ կը վկայեն,
Մեր յանցանքները շատ են,
Քեզի դէմ մեղք գործեցինք,
Սակայն, ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար ըրէ։
8 Ո՛վ Իսրայէլի Յոյսը՝
Նեղութեան ատեն անոր Փրկիչը՝
Ինչո՞ւ համար երկրի վրայ հիւրի պէս
Ու գիշերները իջեւանող ճամբորդի պէս ըլլաս։
9 Ինչո՞ւ համար ապշած մարդու պէս
Կամ ազատուելու կարողութիւն չունեցողի պէս ըլլաս։
Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր մէջ ես,
Մենք քու անունովդ կոչուած ենք, ուստի
Մեզ մի՛ թողուր»։
10 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այս ժողովուրդին համար.
«Անոնք աստանդական շրջիլը սիրեցին
Եւ իրենց ոտքերը չզսպեցին։
Տէրը անոնց չհաւնեցաւ.
Ուստի անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ
Ու անոնց մեղքերը պիտի պատժէ»։
11 Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.
«Այս ժողովուրդին բարօրութեան համար աղօթք մի՛ ըներ։
12 Եթէ անոնք ծոմ պահեն,
Անոնց աղաղակին մտիկ պիտի չընեմ
Ու եթէ ողջակէզ կամ զոհ մատուցանեն,
Զանոնք պիտի չընդունիմ.
Հապա սուրով, սովով եւ ժանտախտով
Պիտի սպառեմ զանոնք»։
13 Ու ես ըսի. «Աւա՜ղ, ո՛վ Տէր Եհովա,
Ահա մարգարէները անոնց կ’ըսեն.
‘Սուր պիտի չտեսնէք
Ու ձեր մէջ սով պիտի չըլլայ,
Հապա ձեզի այս տեղ խաղաղութիւն պիտի տամ’»։
14 Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ.
«Մարգարէները իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն։
Զանոնք ես չղրկեցի եւ անոնց չհրամայեցի
Ու անոնց չխօսեցայ։
Անոնք ձեզի սուտ տեսիլքներ, սնոտի գուշակութիւններ
Եւ իրենց սրտին խաբէութիւնները կը մարգարէանան»։
15 Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Այն մարգարէներուն համար, որոնք իմ անունովս մարգարէութիւն կ’ընեն
(Թէպէտեւ զանոնք ես չղրկեցի)
Ու կ’ըսեն թէ ‘Այս երկրին մէջ սուր ու սով պիտի չըլլայ’,
Այն մարգարէները սուրով ու սովով պիտի կորսուին
16 Եւ այն ժողովուրդը, որոնց անոնք մարգարէութիւն կ’ընեն,
Սուրին ու սովին միջոցով
Երուսաղէմի փողոցները պիտի ձգուին
Եւ զանոնք եւ անոնց կիները, տղաքներն ու աղջիկները
Թաղող պիտի չգտնուի
Ու անոնց վրայ իրենց չարութիւնը պիտի թափեմ»։
17 «Ուստի անոնց՝ այս խօսքը ըսէ.
‘Գիշեր ու ցորեկ աչքերս արցունք պիտի թափեն
Ու բնաւ պիտի չդադարին,
Վասն զի իմ ժողովուրդիս կոյս աղջիկը մեծ կոտորածով,
Խիստ սաստիկ հարուածով կոտորուեցաւ։
18 Եթէ դաշտը ելլեմ
Ահա սուրով մեռցուածներ
Եւ եթէ քաղաքը մտնեմ,
Ահա սովով տկարացածներ կան։
Վասն զի թէ՛ մարգարէն եւ թէ՛ քահանան
Իրենց չգիտցած երկիրը կը պտըտին’»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ՊԱՂԱՏԻ
19 Միթէ Յուդան բոլորովին մերժեցի՞ր.
Քու հոգիդ Սիօնէն զզուեցա՞ւ.
Մեզի ինչո՞ւ այնպէս զարկիր, որ մեզի բժշկութիւն չըլլայ։
Մենք խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ,
Բժշկութեան ժամանակին սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան։
20 Մե՛նք, ով Տէր, մեր ամբարշտութիւնը
Ու մեր հայրերուն անօրէնութիւնը կը ճանչնանք
Եւ մենք քեզի դէմ մեղք գործեցինք, սակայն
21 Քու անուանդ համար մեզմէ մի՛ զզուիր,
Քու փառքիդ աթոռը մի՛ անարգեր.
Մեզի հետ ըրած ուխտդ յիշէ եւ զանիկա մի՛ աւրեր։
22 Միթէ հեթանոսներուն չաստուածներուն մէջ անձրեւ տուող մը կա՞յ,
Կամ թէ երկինքնե՞րը կու տան անձրեւը։
Չէ՞ որ ասիկա ընողը դո՛ւն ես, ո՛վ մեր Տէր Աստուածը.
Ուստի քեզի կը յուսանք, վասն զի ասոնց ամէնքը դուն ըրիր։
ԴԱՏԱՎՃԻՌ ՅՈՒԴԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
15 1 Տէրը ինծի ըսաւ.
«Եթէ Մովսէսն ու Սամուէլն ալ իմ առջեւս կայնէին,
Նորէն ժողովուրդին վրայ հաճութիւն պիտի չունենայի։
Զանոնք առջեւէս վռնտէ ու թող դուրս ելլեն։
2 Եւ եթէ քեզի՝ ‘Ո՞ւր ելլենք’ ըսեն,
Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
Մահուան համար որոշուածները՝ մահուան,
Սուրի համար որոշուածները՝ սուրի,
Սովի համար որոշուածները՝ սովի
Ու գերութեան համար որոշուածները գերութեան թող ելլեն’։
3 «Անոնց վրայ չորս տեսակ պատիժ պիտի ղրկեմ, կ’ըսէ Տէրը.
Մեռցնելու համար՝ սուրը,
Պատառելու համար՝ շուները,
Ուտելու ու ապականելու համար՝
Երկնքի թռչուններն ու երկրի գազանները։
4 Զանոնք, նեղութիւն կրելու համար,
Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն ձեռքը պիտի մատնեմ,
Յուդայի թագաւորին Եզեկիային որդիին Մանասէին պատճառով եւ
Երուսաղէմի մէջ անոր ըրած բաներուն համար։
5 «Ո՞վ քեզի պիտի խնայէ, ո՛վ Երուսաղէմ
Ու ո՞վ քեզի ցաւակից պիտի ըլլայ
Քու որպիսութիւնդ հարցնելու համար ո՞վ պիտի գայ»։
6 «Դուն զիս թողուցիր, կ’ըսէ Տէրը ու ետ գացիր.
Ես ալ իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ եւ քեզ պիտի կորսնցնեմ.
Քեզի գթալէն ձանձրացայ։
7 Զանոնք երկրին դռներուն մէջ պիտի հոսեմ իբր թէ հեծանոցով.
Իմ ժողովուրդս անզաւակ պիտի թողում եւ պիտի կորսնցնեմ,
Վասն զի անոնք իրենց ճամբաներէն չդարձան։
8 Անոնց որբեւայրիները ծովուն աւազէն աւելի շատցուցի իմ առջեւս.
Անոնց վրայ ու երիտասարդին մօրը վրայ
Կէսօրուան ատեն աւարառու բերի.
Անոր վրայ յանկարծ արհաւիրք ու սոսկում ձգեցի։
9 Եօթը զաւակ ծնանողը նուաղեցաւ,
Իր հոգին աւանդեց,
Ցորեկը անոր արեւը մարը մտաւ.
Անիկա ամչցաւ ու նախատուեցաւ
Եւ անոնց մնացորդը իրենց թշնամիներուն առջեւ
Սուրի պիտի մատնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
ԵՐԵՄԻԱ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ
10 Վա՜յ ինծի, ո՛վ մայրս,
Որ զիս բոլոր երկրի համար
Կռիւի մարդ ու վէճի մարդ ծնար.
Ո՛չ ես շահով ստակ տուի,
Ո՛չ ալ ինծի շահով ստակ տուին,
Սակայն ամէնքը զիս կ’անիծեն։
11 Տէրը կ’ըսէ. «Անշո՛ւշտ քեզ պիտի ազատեմ
Ու երջանիկ պիտի ըլլաս։
Անշո՛ւշտ նեղութեան ու տառապանքի ժամանակ
Թշնամիիդ քեզի աղաչել պիտի տամ։
12 Մէկը կրնա՞յ կոտրել երկաթը, ան ալ հիւսիսային երկաթը եւ պղինձը։
13 Քու բոլոր մեղքերուդ համար՝ բոլոր սահմաններուդ մէջ
Քու ստացուածքդ ու գանձերդ ձրիապէս յափշտակութեան պիտի մատնեմ։
14 Անծանօթ երկրին մէջ թշնամիներուդ ծառայ պիտի ընեմ քեզ,
Վասն զի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ,
Որը ձեր վրայ պիտի բորբոքի»։
15 Ո՛վ Տէր, դուն իմ վիճակս գիտես.
Զիս յիշէ՛ եւ ինծի այցելութիւն ըրէ՛
Ու իմ հալածիչներէս իմ վրէժս ա՛ռ.
Քու երկայնամտութեամբդ զիս մի՛ վերցներ.
Յիշէ՛ թէ քեզի համար նախատինք կրեցի։
16 Ես քու խօսքերդ գտածիս պէս՝ զանոնք կերայ։
Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ.
Վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ,
Ո՛վ զօրքերու Տէր Աստուած։
17 Ծաղր ընողներուն ժողովին մէջ չնստեցայ ու չզուարճացայ.
Քու ձեռքդ իմ վրաս ըլլալուն համար առանձին նստեցայ,
Վասն զի քու բարկութիւնովդ զիս լեցուցած էիր։
18 Ինչո՞ւ իմ ցաւս՝ մշտնջենաւոր
Եւ իմ վէրքս անդարմանելի է
Եւ բժշկուիլ չուզեր։
Դուն ինծի բոլորովին նենգ
Ու անհաւատարիմ ջուրերու պէ՞ս պիտի ըլլաս։
19 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Եթէ դառնաս՝ ես քեզ պիտի վերականգնեմ
Ու իմ առջեւս պիտի կայնիս։
Եթէ պատուականը անարգէն զատես,
Իմ բերնիս պէս պիտի ըլլաս։
Անոնք քեզի պիտի դառնան,
Բայց դուն անոնց մի՛ դառնար։
20 Քեզ այս ժողովուրդին՝ պղնձէ ամուր պարիսպի պէս պիտի ընեմ։
Քեզի հետ պիտի պատերազմին,
Բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել.
Վասն զի ես քեզի հետ եմ՝
Քեզ փրկելու ու ազատելու համար
21 Եւ քեզ չարերուն ձեռքէն պիտի ազատեմ
Ու բռնաւորներուն ձեռքէն պիտի փրկեմ», կ’ըսէ Տէրը։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
16 1 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Քեզի կին մի՛ առներ։
Այս տեղ տղաքներ ու աղջիկներ մի՛ ունենար,
3 Քանզի այս տեղ ծնած տղաքներուն ու աղջիկներուն համար
Եւ այս երկրին մէջ զանոնք ծնանող մայրերուն ու հայրերուն համար
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
4 ‘Անոնք մահառիթ հիւանդութիւններով պիտի մեռնին։
Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի ու անոնք պիտի չթաղուին։
Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան։
Սուրով ու սովով պիտի հատնին։
Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն
Ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան’»։
5 Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Սուգի տուն մի՛ մտներ ու լալու մի՛ երթար,
Անոնց համար մի՛ ողբար,
Վասն զի այս ժողովուրդէն վերցուցի իմ խաղաղութիւնս,
Ողորմութիւնս ու գթութիւնս։
6 Այս երկրին մեծերն ու պզտիկները
Պիտի մեռնին եւ պիտի չթաղուին,
Անոնց համար սուգ պիտի չընեն,
Իրենց մարմիններուն վրայ կտրածներ պիտի չընեն,
Անոնց համար իրենց մազերը պիտի չփետտեն,
7 Մեռելի մը վրայով մխիթարութեան համար
Սուգի հաց պիտի չբաժնեն,
Անոնց հայրերուն ու մայրերուն համար
Մխիթարութեան բաժակը անոնց պիտի չխմցնեն։
8 Կոչունքի տուն ալ մի՛ մտներ,
Որ անոնց հետ նստիս ուտելու եւ խմելու համար»։
9 Վասն զի զօրքերուն Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես այս տեղէն, ձեր աչքին առջեւէն ու ձեր օրերուն մէջ
Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը,
Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ։
10 Ու երբ այս բոլոր խօսքերը այս ժողովուրդին ըսես եւ անոնք քեզի հարցնեն՝
‘Ինչո՞ւ համար Տէրը բոլոր այս մեծ չարիքին վրայ խօսեցաւ
Ու ի՞նչ է մեր անօրէնութիւնն ու մեր մեղքը,
Որ մեր Տէր Աստուծոյն դէմ գործեր ենք’,
11 Այն ատեն անոնց ըսէ.
‘Վասն զի ձեր հայրերը զիս թողուցին, կ’ըսէ Տէրը
Եւ ուրիշ աստուածներու ետեւէ գացին,
Անոնց ծառայութիւն ըրին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին.
Զիս թողուցին ու իմ օրէնքս չպահեցին։
12 Եւ դուք ձեր հայրերէն աւելի չարութիւն ըրիք,
Ինծի մտիկ չընելով՝
Ձեզմէ ամէն մէկը իր չար սրտին կամակորութեանը ետեւէն գնաց։
13 Ես ալ այս երկրին երեսէն ձեզ պիտի փոխադրեմ
Այնպիսի երկիր մը, որ չէք ճանչնար
Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը
Ու հոն ցորեկ ու գիշեր օտար աստուածներու ծառայութիւն պիտի ընէք,
Վասն զի ձեզի ողորմութիւն պիտի չընեմ’»։
ԱՔՍՈՐԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ
14 «Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը,
Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։
15 Բայց ‘Կենդանի է Տէրը,
Որ Իսրայէլի որդիները հանեց հիւսիսային երկրէն
Եւ այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էր’.
Քանզի զանոնք պիտի դարձնեմ իրենց երկիրը,
Որ իրենց հայրերուն տուած էի»։
ԳԱԼԻՔ ՊԱՏՈՒՀԱՍԸ
16 «Ահա ես շատ ձկնորսներ բերել պիտի տամ, կ’ըսէ Տէրը,
Որ զանոնք որսան։
Անկէ ետքը շատ որսորդներ բերել պիտի տամ,
Որ զանոնք ամէն լերան վրայէն
Եւ ամէն բլուրի վրայէն
Ու վէմերուն ծակերէն որսան։
17 Վասն զի իմ աչքերս անոնց բոլոր ճամբաներուն վրայ են.
Իմ երեսէս ծածկուած չեն,
Անոնց անօրէնութիւնը իմ աչքերուս առջեւէն պահուած չէ։
18 Նախ անոնց անօրէնութեանը ու մեղքին
Կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ,
Քանի որ իմ երկիրս պղծեցին
Եւ իրենց գարշութիւններուն ու պղծութիւններուն դիակներովը
Իմ ժառանգութիւնս լեցուցին»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ
19 Ո՛վ Տէր, իմ զօրութիւնս, իմ բերդս
Ու իմ ապաստանարանս նեղութեան օրը,
Երկրի ծայրերէն ազգերը քեզի պիտի գան
Ու պիտի ըսեն.
«Իրաւցնէ մեր հայրերը ստութիւն,
Ունայնութիւն ու անօգուտ բաներ ժառանգեցին։
20 Միթէ մարդ իրեն աստուածներ կրնա՞յ շինել»։
Ու անոնք աստուածներ չեն։
21 «Անոր համար ահա ես անոնց այս անգամ պիտի գիտցնեմ,
Իմ ձեռքս ու իմ զօրութիւնս պիտի գիտցնեմ անոնց
Եւ պիտի գիտնան թէ իմ անունս Եհովա է»։
ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՄԵՂՔԸ ԵՒ ՊԱՏԻԺԸ
17 1 Յուդային մեղքը երկաթէ գրիչով
Ու ադամանդի ծայրով գրուած է։
Անոնց սրտին տախտակին վրայ
Եւ անոնց սեղաններուն եղջիւրներուն վրայ փորուած է,
2 Որպէս զի անոնց տղաքը մտքերնին բերեն
Անոնց սեղաններն ու անոնց Աստարովթի կուռքերը,
Որոնք կանանչ ծառերուն քով բարձր բլուրներու վրայ շինուած էին։
3 Ո՛վ իմ լեռս, որ դաշտի մէջ ես,
Քու ստացուածքդ, քու բոլոր գանձերդ,
Բոլոր սահմաններուդ մէջ մեղքի համար շինուած բարձր տեղերդ
Յափշտակութեան պիտի մատնեմ։
4 Դուն պիտի զրկուիս քու ժառանգութենէդ, որ քեզի տուի։
Անծանօթ երկրի մէջ
Քու թշնամիներուդ ծառայ պիտի ընեմ քեզ,
Վասն զի իմ բարկութեանս մէջ կրակ մը վառուեցաւ,
Որ յաւիտեան պիտի բորբոքի»։
ԶԱՆԱԶԱՆ ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ
5 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մարդու կ’ապաւինի
Ու մարմինը իրեն բազուկ կ’ընէ։
Որուն սիրտը Տէրոջմէն կը խոտորի։
6 Անիկա անապատի մէջ մոշենիի պէս պիտի ըլլայ
Ու երբ աղէկութիւն գայ պիտի չտեսնէ
Եւ անապատին այրուած տեղերը,
Աղի ու անբնակ երկրի մէջ պիտի բնակի։
7 «Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի
Ու որուն յոյսը Տէրն է։
8 Անիկա ջուրերու քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ,
Որ իր արմատները գետի քով երկնցնելով՝
Տաքութեան գալը չի տեսներ.
Հապա անոր տերեւը կանանչ կ’ըլլայ
Ու երաշտութեան տարին նեղութիւն չի քաշեր
Ու միշտ պտուղ պիտի տայ»։
9 Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է,
Զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ։
10 «Ես՝ Տէրս՝ միտքը կը քննեմ,
Սրտերը կը փորձեմ,
Որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ
Ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ»։
11 Անիրաւութեամբ հարստութիւն դիզողը՝
Իր չածած հաւկիթներով թուխսի նստող կաքաւի պէս է։
Զանիկա իր օրերուն կիսուն պիտի թողու
Ու վերջը անմիտ պիտի ըլլայ։
12 Մեր սրբարանին տեղը
Սկիզբէն փառաւոր ու բարձր աթոռ է։
13 Ով Տէր՝ Իսրայէլի յոյսը՝
Անոնք, որ քեզ կը թողուն, պիտի ամչնան,
Քեզմէ հեռացողները երկրի հողին վրայ պիտի գրուին,
Վասն զի Տէրը՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին։
ԵՐԵՄԻԱ ՏԷՐՈՋԸ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՆԴՐԷ
14 Ո՛վ Տէր, զիս բժշկէ՛ ու պիտի բժշկուիմ,
Զիս փրկէ՛ ու պիտի փրկուիմ.
Վասն զի իմ պարծանքս դո՛ւն ես։
15 Ահա անոնք ինծի կ’ըսեն.
«Տէրոջը խօսքը ո՞ւր է. հիմա թող գայ»։
16 Բայց ես քու ետեւէդ՝ հովիւ ըլլալէն չփախայ
Ու չարիքի օրուան չցանկացի, ինչպէս դուն գիտես.
Իմ շրթունքներէս ելածը քու առջեւդ էր։
17 Ինծի արհաւիրք մի՛ ըլլար.
Նեղութեան օրը իմ ապաւէնս դուն ես։
18 Զիս հալածողները թող ամչնան, բայց ես պիտի չամչնամ.
Թող անոնք զարհուրին, բայց ես պիտի չզարհուրիմ.
Անոնց վրայ թշուառութեան օրը բեր
Եւ զանոնք կրկին կոտորածով կոտորէ։
ՇԱԲԱԹԸ ՊԱՀԵԼ
19 Տէրը այսպէս ըսաւ ինծի. «Գնա՛ ժողովուրդին որդիներուն դուռը, ուրկէ Յուդայի թագաւորները կը մտնեն ու կ’ելլեն ու Երուսաղէմի դռները կայնէ՛ 20 Եւ անոնց ըսէ՛. ‘Յուդայի թագաւորներ ու բոլոր Յուդա եւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներ, որ այս դռներէն կը մտնէք, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 21 Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէ՛ք եւ շաբաթ օրը բեռ մի՛ վերցնէք ու Երուսաղէմի դռներէն ներս մի՛ բերէք։ 22 Շաբաթ օրը ձեր տուներէն դուրս բեռ մը մի՛ հանէք ու գործ մը մի՛ ընէք. հապա շաբաթ օրը սուրբ պահեցէ՛ք, ինչպէս ձեր հայրերուն պատուիրեցի. 23 Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի մտիկ չընեն ու խրատ չընդունին։ 24 Իսկ եթէ ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ընէք, կ’ըսէ Տէրը ու շաբաթ օրը այս քաղաքին դռներէն ներս բեռ չբերէք ու շաբաթ օրը սուրբ պահէք՝ անոր մէջ բնաւ գործ չընէք, 25 Այն ատեն Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորներն ու իշխանները, կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած, այս քաղաքին դռներէն պիտի մտնեն, իրենք եւ իրենց իշխանները, Յուդայի մարդիկը եւ Երուսաղէմի բնակիչները ու այս քաղաքը յաւիտեան պիտի մնայ։ 26 Եւ Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն ու Բենիամինի երկրէն եւ դաշտերէն ու լեռներէն ու հարաւէն պիտի գան եւ ողջակէզ ու զոհ եւ հացի ընծայ ու կնդրուկ պիտի բերեն եւ Տէրոջը տունը շնորհակալութեան ընծաներ պիտի բերեն։ 27 Բայց եթէ շաբաթ օրը սուրբ պահելու, շաբաթ օրը բեռ չվերցնելու եւ Երուսաղէմի դռներէն ներս չմտնելու պատուէրին մտիկ չընէք, ես ալ անոր դռներուն մէջ կրակ պիտի վառեմ եւ ան պիտի ուտէ Երուսաղէմի պալատները եւ պիտի չմարի»։
ԵՐԵՄԻԱ ԲՐՈՒՏԻՆ ՏԱՆԸ ՄԷՋ
18 1 Տէրը Երեմիային ըսաւ. 2 «Ելի՛ր ու բրուտին տունը իջի՛ր։ Հոն իմ խօսքերս պիտի լսես»։ 3 Ես բրուտին տունը իջայ, որը ճախարակով կը գործէր։ 4 Կաւէ ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ։ Բրուտն ալ անկէ ուրիշ աման մը շինեց, ինչպէս իրեն հաճելի երեւցաւ։ 5 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
6 «Միթէ ձեզի՝ այս բրուտին ըրածին պէս ընելու կարող չե՞մ
Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը,
Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ,
Դուք ալ իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
7 Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ
Թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ ու պիտի կորսնցնեմ,
8 Բայց եթէ այն ազգը, որուն վրայով խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ,
Ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել։
9 Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ
Թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց
10 Եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ,
Ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել։
11 Հիմա Յուդայի մարդիկներուն
Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛.
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Ահա ես ձեզի համար չարիք կը պատրաստեմ
Ու ձեզի համար ծրագիր մը կը պատրաստեմ։
Հիմա բոլորդ ալ ձեր ճամբաներէն դարձէ՛ք
Եւ ձեր ճամբաներն ու ձեր գործերը ուղղեցէ՛ք’։
12 Բայց անոնք կ’ըսեն. ‘Յոյս չկայ,
Վասն զի մենք մեր խորհուրդներուն ետեւէն պիտի երթանք
Ու բոլորս ալ մեր չար սրտին կամակորութեանը պէս պիտի ընենք’։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՏԷՐԸ
13 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Հիմա ազգերուն մէջ հարցուցէք,
Այսպիսի բան մը ո՞վ լսեր է։
Իսրայէլին կոյսը խիստ սոսկալի բան մը ըրաւ։
14 Միթէ Լիբանանին ձիւնը արտին վէմէն կը պակսի՞,
Կամ հեռուէն վազող պաղ ջուրերը կը ցամքի՞ն։
15 Բայց իմ ժողովուրդս զիս մոռցաւ։
Ունայնութիւններու խունկ ծխեցին։
Անոնք իրենց քալած հին ճամբաներուն մէջ մոլորեցան
Եւ ուրիշ շաւիղներէ, զարտուղի ճամբաներէ քալեցին։
16 Ասանկով իրենց երկիրը աւերակ
Ու յաւիտենապէս սուլելու ենթակայ ըրին։
Անկէ ամէն անցնողը պիտի զարմանայ
Ու գլուխը պիտի շարժէ։
17 Որպէս թէ արեւելեան հովով՝
Զանոնք թշնամիին առջեւ պիտի ցրուեմ,
Անոնց թշուառութեան օրը
Անոնց կռնակ պիտի ցուցնեմ եւ ո՛չ թէ՝ երես»։
ԴԱՒ ՄԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԴԷՄ
18 Այն ատեն ըսին.
«Եկէ՛ք, Երեմիային դէմ դաւ լարենք,
Վասն զի քահանայէն՝ օրէնք
Ու իմաստունէն՝ խորհուրդ
Եւ մարգարէէն խօսք պիտի չկորսուի։
Եկէ՛ք, զանիկա լեզուով ջախջախենք
Ու անոր ոեւէ խօսքին ականջ չտանք»։
19 «Ո՛վ Տէր, ինծի ականջ տուր
Ու ինծի հետ վէճ ընողներուն ձայնը լսէ՛։
20 Միթէ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցուի՞։
Բայց անոնք իմ անձիս համար փոս փորեցին։
Յիշէ՛, թէ քու առջեւդ կայնեցայ,
Որպէս զի անոնց համար բարեխօսութիւն ընեմ
Ու քու բարկութիւնդ անոնցմէ դարձնեմ։
21 Անոր համար անոնց տղաքները սովի՛ մատնէ
Ու զանոնք սուրին ձեռքը յանձնէ՛։
Անոնց կիները անզաւակ ու որբեւայրի թող ըլլան
Եւ այրերը թող մեռնին
Ու երիտասարդները պատերազմի մէջ սուրով թող զարնուին։
22 Եւ անոնց վրայ յանկարծակի ասպատակող գունդեր բեր։
Անոնց տուներէն աղաղակ թող լսուի։
Վասն զի զիս բռնելու համար փոս փորեցին
Եւ իմ ոտքերուս համար ծածուկ որոգայթներ լարեցին։
23 Ու դուն, ո՛վ Տէր, գիտես անոնց դաւը
Ինծի դէմ, զիս մեռցնելու համար։
Անոնց անօրէնութիւնը մի՛ քաւեր
Եւ անոնց մեղքը քու առջեւէդ մի՛ ջնջեր,
Հապա անոնք քու առջեւդ թող կործանին.
Քու բարկութեանդ ատենը անոնց դէմ գործէ»։
ԿՈՏՐԱԾ ԿՈՒԺԸ
19 1 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, բրուտի շինած հողէ կուժ մը ծախու ա՛ռ ու ժողովուրդէն քանի մը ծերեր եւ քահանաներէն քանի մը ծերեր քեզի հետ ա՛ռ 2 Եւ Խեցիներու դրանը դիմացի՝ Ենովմի որդիին ձորը իջիր ու հոն յայտնէ այն խօսքերը, որոնք քեզի պիտի ըսեմ»։ 3 Անոնց ըսէ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւորներ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս տեղին վրայ սարսափելի չարիք մը պիտի բերեմ, այնպէս որ զանիկա լսողին ականջները պիտի խօսին. 4 Վասն զի անոնք զիս թողուցին ու այս տեղը ինձմէ օտարացուցին եւ հոս խունկ ծխեցին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք եւ ո՛չ իրենց հայրերը, ո՛չ ալ Յուդայի թագաւորները կը ճանչնային ու այս տեղը անմեղ արիւնով լեցուցին 5 Եւ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, որպէս զի իրենց տղաքները կրակով այրեն՝ Բահաղին ողջակէզ ընեն, որը ես չհրամայեցի, չխօսեցայ ու մտքէս ալ չանցաւ։ 6 Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ անգամ մըն ալ այս տեղը Տօփեթ ու Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի, հապա Սպանութեան ձոր։ 7 Այս տեղ Յուդայի ու Երուսաղէմի խորհուրդը պիտի խափանեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն առջեւ սուրով եւ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքով պիտի կործանեմ։ Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի տամ։ 8 Այս քաղաքը աւերակ ու նախատինքի առարկայ պիտի ընեմ։ Անկէ ամէն անցնողը անոր բոլոր հարուածներուն պատճառով պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։ 9 Պաշարման ատենը այն նեղութեանը մէջ, որով անոնց թշնամիները եւ անոնց հոգին փնտռողները զանոնք պիտի նեղեն, իրենց տղոցը ու աղջիկներուն միսը պիտի կերցնեմ անոնց ու իրարու միս պիտի ուտեն’»։
10 «Ետքը այն կուժը քեզի հետ եկող մարդոց աչքին առջեւ կոտրէ՛ 11 Ու անոնց ըսէ՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ժողովուրդն ու այս քաղաքը այնպէս պիտի կոտրտեմ, ինչպէս մէկը բրուտի ամանը կը կոտրտէ, որ ա՛լ չկրնան նորոգուիլ ու զանոնք Տօփեթի մէջ պիտի թաղեն՝ մինչեւ որ ա՛լ թաղելու տեղ չմնայ’»։ 12 «Այն տեղին ու անոր բնակիչներուն այսպէս պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը։ Այս քաղաքը Տօփեթի պէս պիտի ընեմ 13 Ու Երուսաղէմի տուները եւ Յուդայի թագաւորներուն տուները Տօփեթի տեղին պէս պիղծ պիտի ըլլան այն բոլոր տուներուն պատճառով, որոնց տանիքներուն վրայ երկնքի զօրքերուն խունկ ծխեցին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ մատուցանեցին»։
14 Երեմիա Տօփեթէն եկաւ, ուր Տէրը զանիկա ղրկեր էր մարգարէութիւն ընելու համար եւ Տէրոջը տանը գաւիթը կայնեցաւ ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. 15 «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքին վրայ ու անոր բոլոր գիւղաքաղաքներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքները, որոնք անոր համար որոշեցի. վասն զի իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի իմ խօսքերուս մտիկ չընեն’»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԲԱՂԽՈՒՄԸ ՓԱՍՈՒՐԻՆ ՀԵՏ
20 1 Տէրոջը տանը գլխաւոր վերակացուն՝ Եմմերին որդին Փասուրը՝ լսեց այն խօսքերը, որոնք Երեմիա կը մարգարէանար։ 2 Փասուր Երեմիա մարգարէին զարկաւ եւ զանիկա Տէրոջը տանը մէջ եղող՝ Բենիամինին վերի դրանը կոճղին մէջ դրաւ։ 3 Հետեւեալ օրը Փասուր Երեմիան կոճղէն հանեց։ Այն ատեն Երեմիան անոր ըսաւ. «Տէրը քու անունդ Փասուր չկոչեց, հապա Մակոր–Միսսապիպ. 4 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզ արհաւիրք պիտի ընեմ քու անձիդ ու քու բոլոր բարեկամներուդ վրայ եւ անոնք իրենց թշնամիներուն սուրովը պիտի իյնան ու քու աչքերդ պիտի տեսնեն եւ բոլոր Յուդան Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ, որը զանոնք Բաբելոն գերի պիտի տանի ու զանոնք սուրով պիտի զարնէ։ 5 Այս քաղաքին բոլոր հարստութիւնն ու անոր բոլոր վաստակը ու անոր բոլոր պատուական բաները եւ Յուդայի թագաւորներուն բոլոր գանձերը իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ։ Զանոնք պիտի յափշտակեն ու առնեն եւ Բաբելոն տանին։ 6 Եւ դուն, ո՛վ Փասուր ու քու տանդ բոլոր բնակիչները, գերութեան պիտի երթաք եւ Բաբելոն պիտի երթաք ու հոն պիտի մեռնիք եւ հոն պիտի թաղուիք թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու բոլոր բարեկամներդ, որոնց սուտ մարգարէութիւն ըրիր’»։
ԵՐԵՄԻԱ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ
7 Զիս խաբեցիր, ո՛վ Տէր ու ես խաբուեցայ։
Դուն ինձմէ զօրաւոր ես ու յաղթեցիր։
Ամէն օր ծաղրանքի առարկայ եղայ.
Ամէնքը զիս կը ծաղրեն,
8 Քանզի կը խօսիմ, կ’աղաղակեմ
Եւ բռնութեան ու զրկանքի համար կը բողոքեմ։
Տէրոջը խօսքը ամէն օր նախատինք ու անարգանք եղաւ ինծի։
9 Եթէ ըսեմ՝ «Զինք պիտի չյիշեմ,
Կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ»,
Այն ատեն սրտիս մէջ կրակ մը պիտի վառի,
Իմ ոսկորներուս մէջ պիտի բորբոքի.
Ես յոգնեցայ զանիկա կրելէն ու ա՛լ չեմ կրնար դիմանալ։
10 Շատերէն պարսաւանք լսեցի,
Ամէն կողմ վախ կայ, ա՛լ չեմ կրնար հանգստանալ։
«Չարախօսեցէ՛ք ու բամբասեցէք», ըսին.
Իմ բոլոր բարեկամներս իմ սխալիլս կը դիտէին՝ ըսելով,
‘Թերեւս անիկա խաբուի ու անոր յաղթենք
Եւ անկէ մեր վրէժը լուծենք’»։
11 Բայց Տէրը ինծի հետ է զօրաւոր ախոյեանի պէս.
Անոր համար զիս հալածողները պիտի գլորին ու պիտի չյաղթեն.
Անոնք խիստ պիտի ամչնան, քանզի անխելքութեամբ կը վարուին։
Անոնց կրելու անարգանքը յաւիտեան պիտի չմոռցուի։
12 Բայց դո՛ւն, ո՛վ զօրքերու Տէր, որ արդարը կը փորձես,
Միտքն ու սիրտը կը տեսնես,
Անոնց վրայ քու վրէժխնդրութիւնդ պիտի տեսնեմ,
Քանզի իմ դատս քեզի յայտնեցի։
13 Տէրոջը երգեցէ՛ք, Տէրը գովեցէ՛ք.
Քանզի տնանկին հոգին չարագործներուն ձեռքէն ազատեց։
14 Անիծեա՛լ ըլլայ այն օրը, երբ ես ծնայ։
Իմ մօրս զիս ծնած օրը օրհնեալ չըլլայ։
15 Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ իմ հօրս աւետիս բերաւ
Ու զանիկա խիստ շատ ուրախացուց ըսելով.
‘Քեզի արու զաւակ մը ծնաւ’։
16 Այն մարդը այն քաղաքներուն պէս ըլլայ,
Որոնք Տէրը կործանեց առանց խնայելու։
Անիկա առաւօտուն ողբ լսէ
Ու կէսօրին՝ աղաղակ։
17 Վասն զի մօրս արգանդէն զիս չմեռցուց,
Որ մայրս ինծի գերեզման ըլլար
Եւ անոր արգանդը յաւիտեան յղի մնար։
18 Ինչո՞ւ այսպէս մօրս արգանդէն ելայ,
Որ աշխատանք ու ցաւ տեսնեմ
Եւ իմ օրերս ամօթով սպառին։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿՈՒԻ
21 1 Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Մեղքիային որդին՝ Փասուրը ու Մաասիայի որդին՝ Սոփոնիա քահանան անոր ղրկեց՝ ըսելով. 2 «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար Տէրոջը հարցուր, վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը մեզի հետ պատերազմ կ’ընէ. թերեւս Տէրը մեզի համար իր բոլոր սքանչելիքներուն համեմատ ընէ եւ անիկա մեզմէ դառնայ»։
3 Երեմիա անոնց ըսաւ. «Սեդեկիային այսպէս ըսէք. Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 4 ‘Ահա ես ձեր ձեռքերուն մէջ եղող պատերազմական զէնքերը պիտի դարձնեմ, որոնցմով դուք պարսպին դուրսէն ձեզ պաշարող Բաբելոնի թագաւորին ու Քաղդէացիներուն հետ կը պատերազմիք եւ զանոնք այս քաղաքին մէջ պիտի հաւաքեմ։ 5 Ես ալ երկնցած ձեռքով եւ զօրաւոր բազուկով, սրտմտութեամբ, բարկութեամբ ու մեծ ցասումով ձեզի հետ պիտի պատերազմիմ։ 6 Այս քաղաքին բնակիչները, թէ՛ մարդ եւ թէ անասուն պիտի զարնեմ։ Անոնք մեծ ժանտախտով պիտի մեռնին’։ 7 Ու անկէ ետքը, կ’ըսէ Տէրը, ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան եւ անոր ծառաները ու ժողովուրդը եւ այս քաղաքին մէջ ժանտախտէն, սուրէն ու սովէն ազատուածները, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը եւ անոնց թշնամիներուն ձեռքը ու անոնց հոգիները փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնք ալ սուրի բերնէ պիտի անցընեն, անոնց պիտի չխնայեն, պիտի չգթան ու ողորմութիւն պիտի չընեն’»։
8 «Եւ այս ժողովուրդին ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան։ 9 Ան որ քաղաքին մէջ կը կենայ՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ան որ դուրս կ’ելլէ եւ ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն կը յանձնուի, ողջ պիտի մնայ ու անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ։ 10 Քանզի իմ երեսս այս քաղաքին վրայ հաստատեցի չարիք ընելու համար եւ ո՛չ թէ բարիք, կ’ըսէ Տէրը. անիկա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու ան ալ զանիկա կրակով պիտի այրէ’։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
11 «Եւ Յուդայի թագաւորին տանը ըսէ՛. ‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք. 12 Ո՛վ Դաւիթի տուն, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Առտուն իրաւունքով դատաստան տեսէ՛ք ու զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք, չըլլայ որ ձեր չար գործերուն համար իմ բարկութիւնս կրակի պէս ելլելով բռնկի ու մարող մը չըլլայ»։ 13 «Ահա ես ձեզի դէմ եմ, ո՛վ հովիտին, դաշտի վէմին բնակիչներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Մեզի դէմ ո՞վ պիտի ելլէ, կամ մեր բնակարաններուն մէջ ո՞վ պիտի մտնէ’. 14 Բայց ես ձեզ ձեր գործերուն պտուղին համեմատ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը ու անոր անտառին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ եւ ան անոր բոլորտիքը եղածը պիտի ուտէ’»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ
22 1 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Յուդայի թագաւորին տունը իջի՛ր
2 Ու հոն այս խօսքը ըսէ՛.
‘Ո՛վ Դաւիթին աթոռին վրայ նստող Յուդայի թագաւոր,
Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք՝
Թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու ծառաներդ ու ժողովուրդդ,
Որ այս դռներէն կը մտնէք’։
3 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իրաւունք ու արդարութիւն ըրէ՛ք։
Զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք։
Օտարականին, որբին ու որբեւայրիին
Անիրաւութիւն ու բռնութիւն մի՛ ընէք
Եւ այս տեղ անմեղ արիւն մի՛ թափէք։
4 Վասն զի եթէ ամէն կերպով այս խօսքը գործադրէք,
Այն ատեն Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները՝
Կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած՝
Այս տանը դռներէն պիտի մտնեն,
Իրենք եւ իրենց ծառաները ու ժողովուրդը»։
5 ‘Բայց եթէ այս խօսքերուն մտիկ չընէք,
Իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Որ այս տունը աւերակ պիտի ըլլայ’։
6 Յուդայի թագաւորին տանը վրայով
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Դուն թէեւ ինծի Գաղաադի պէս
Ու Լիբանանի գագաթին պէս ես,
Սակայն անշուշտ քեզ անապատի պէս
Ու անբնակ քաղաքներու պէս պիտի ընեմ
7 Եւ քու վրադ կործանողներ պիտի հանեմ.
Իւրաքանչիւրը իր զէնքովը պիտի գայ
Ու քու ընտիր եղեւիններդ պիտի կտրեն
Եւ կրակը ձգեն’։
8 Այս քաղաքէն շատ ազգեր պիտի անցնին
Եւ իրարու պիտի ըսեն.
«Ինչո՞ւ համար Տէրը այս մեծ քաղաքին այսպէս ըրաւ»։
9 Անոնք պիտի պատասխանեն. «Վասն զի իրենց Տէր Աստուծոյն ուխտը թողուցին
Եւ ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ըրին ու անոնց ծառայեցին»։
10 Մեռնողին համար մի՛ լաք
Ու անոր համար մի՛ ողբաք.
Հապա գացողին համար դառնապէս լացէ՛ք,
Որովհետեւ անգամ մըն ալ պիտի չդառնայ
Ու իր հայրենիքը պիտի չտեսնէ»։
11 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեղղումին համար,
Որ իր հօրը Յովսիային տեղ թագաւոր նստաւ
Ու այս տեղէն ելաւ.
‘Անիկա անգամ մըն ալ հոս պիտի չդառնայ.
12 Հապա անիկա իր գերի քշուած տեղը պիտի մեռնի
Ու ա՛լ այս երկիրը պիտի չտեսնէ’»։
13 «Վա՜յ անոր, որ իր տունը զրկանքով
Ու իր վերնատունները անիրաւութեամբ կը շինէ.
Իր դրացին ձրի կը բանեցնէ
Եւ անոր աշխատութեանը վարձքը չի վճարեր։
14 Ան որ կ’ըսէ՝
‘Ինծի ընդարձակ տուն
Ու հովասուն վերնատուններ շինեմ’,
Իրեն պատուհաններ կը բանայ
Ու զանիկա եղեւնափայտով կը պատէ
Ու կարմիր կը ներկէ։
15 Միթէ դուն շատ եղեւնափայտեր հաւաքելովդ
Թագաւո՞ր պիտի ըլլաս։
Չէ՞ որ քու հայրդ կերաւ ու խմեց,
Նաեւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ,
Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։
16 Աղքատին ու տնանկին դատը տեսաւ,
Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։
«Միթէ զիս ճանչնալը ասիկա չէ՞», կ’ըսէ Տէրը։
17 Սակայն քու աչքերդ ու սիրտդ ուրիշ բանի վրայ չեն,
Բայց միայն ագահութեան
Եւ անմեղ արիւն թափելու
Եւ անիրաւութեան ու բռնութեան վրայ, որ զանոնք ընես։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՈՎԱԿԻՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
18 Անոր համար Յուդայի թագաւորին,
Յովսիայի որդիին Յովակիմին համար
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով՝
‘Վա՜յ, եղբայրս’, կամ ‘Վա՜յ քոյրս’.
Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով՝
‘Վա՜յ, տէր իմ’, կամ ‘Վա՜յ անոր փառքին’։
19 Անիկա իշու թաղումով պիտի թաղուի
Ու քաշելով պիտի տարուի
Ու Երուսաղէմի դռներէն դուրս պիտի նետուի»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ
20 «Լիբանան ելի՛ր ու աղաղակէ՛
Եւ Բասանի վրայ ձայնդ ձգէ՛
Ու Աբիրամէ աղաղակէ՛.
Վասն զի քու բոլոր հոմանիներդ կոտորուեցան։
21 Երբ դուն յաջողութեան մէջ էիր, քեզ խրատեցի
Ու դուն ըսիր՝ ‘Մտիկ չեմ ըներ’։
Քու մանկութենէդ ի վեր ճամբադ այս է,
Որ իմ խօսքիս մտիկ չընես։
22 Քու բոլոր հովիւներդ հովը պիտի քշէ
Ու հոմանիներդ գերութեան պիտի երթան։
Յիրաւի այն ատեն բոլոր չարութեանդ համար
Պիտի ամչնաս ու պիտի նախատուիս։
23 Ո՛վ Լիբանանի մէջ բնակող
Ու եղեւիններու մէջ բոյն ունեցող,
Երբ քեզի ծննդական կնոջ երկունքին պէս ցաւեր գան,
Որչա՜փ ողորմելի պիտի ըլլաս»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ՅԵՔՈՆԻԱՅԻՆ
24 «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը,
Ո՜վ Յուդայի թագաւոր, Յովակիմի որդի Յեքոնիա,
Թէեւ իմ աջ ձեռքիս կնիքն ալ ըլլաս,
Անկէ ալ քեզ պիտի փրցնեմ։
25 Քեզ՝ քու հոգիդ փնտռողներուն ձեռքը
Ու այն մարդոց ձեռքը, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս
Եւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը
Ու Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։
26 Քեզ ու քու մայրդ, որ քեզ ծնաւ,
Օտար երկիր պիտի նետեմ
Ուր ծնած չէք
Եւ հոն պիտի մեռնիք։
27 Ու պիտի չդառնաք այն երկիրը,
Ուր դառնալ կը յուսայիք»։
28 Միթէ այս Յեքոնիա ըսուած մարդը անարգուած ու կոտրուած սափո՞ր մըն է,
Կամ թէ այնպիսի ամա՞ն մըն է,
Որուն համար մէ՛կը հոգ չ’ըներ։
Ինչո՞ւ համար ինք ու իր սերունդը նետուեցան
Ու իրենց անծանօթ երկիրը քշուեցան։
29 Ո՛վ երկիր, երկիր, երկիր,
Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛։
30 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Այս մարդը իբր անզաւակ գրեցէք,
Մարդ մը, որ իր օրերուն մէջ յաջողութիւն պիտի չգտնէ,
Քանզի անոր սերունդէն ոեւէ մէկը յաջողութիւն պիտի չգտնէ,
Որ Դաւիթին աթոռին վրայ նստի
Եւ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ընէ»։
ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՅՍ
23 1 «Վա՜յ այն հովիւներուն,
Որոնք իմ արօտիս ոչխարները կը կորսնցնեն ու կը ցրուեն», կ’ըսէ Տէրը։
2 Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը
Այն հովիւներուն՝ որ իր ժողովուրդը կը հովուեն.
«Դուք իմ ոչխարներս ցրուեցիք ու զանոնք վռնտեցիք
Եւ անոնց հոգ չտարիք։
Ահա ես ձեր գործերուն չարութեանը համար
Ձեզ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը։
3 Ես իմ ոչխարներուս մնացորդը պիտի հաւաքեմ
Այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էի։
Զանոնք իրենց փարախները պիտի դարձնեմ,
Ուր պիտի աճին ու շատնան։
4 Անոնց վրայ հովիւներ պիտի դնեմ, որ զանոնք հովուեն.
Անոնք ա՛լ պիտի չվախնան ու պիտի չզարհուրին
Ու պիտի չպակսին», կ’ըսէ Տէրը։
5 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի հանեմ,
Որ թագաւորի պէս թագաւորութիւն պիտի ընէ,
Իմաստութեամբ պիտի վարուի
Ու երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։
6 Անոր օրերը Յուդան պիտի ազատի
Եւ Իսրայէլը ապահովութեամբ պիտի բնակի։
Այս է անոր անունը, որով պիտի կոչուի.
‘ՏԷՐԸ՝ ՄԵՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ’։
7 «Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը,
Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։
8 Հապա՝ ‘Կենդանի է Տէրը,
Որ Իսրայէլի սերունդը հանեց ու բերաւ հիւսիսի երկրէն
Եւ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք քշեր էր’
Ու անոնք իրենց երկրին մէջ պիտի բնակին»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
9 Մարգարէներուն համար սիրտս ներսիդիս կը կոտրի.
Բոլոր ոսկորներս կը դողան.
Տէրոջը երեսէն ու անոր սուրբ խօսքերուն երեսէն
Գինով մարդու պէս
Եւ գինին գլուխը զարկած մարդու պէս եղայ։
10 Քանզի երկիրը շնացողներով լեցուած է,
Եւ անէծքի պատճառով երկիրը սուգ կը բռնէ։
Անմշակ արօտները չորցան,
Որովհետեւ անոնք չար ճամբէ կ’ընթանան
Եւ անոնց ոյժը ուղղութեան համար չէ։
11 «Վասն զի թէ՛ մարգարէն եւ թէ՛ քահանան պղծուեցան,
Անոնց չարութիւնը իմ տանս մէջ ալ գտայ», կ’ըսէ Տէրը։
12 «Անոր համար անոնց ճամբաները
Խաւարի մէջ սահեցնող տեղերու պէս պիտի ըլլան անոնց,
Անոնք պիտի սահին ու պիտի իյնան.
Վասն զի ես պատուհասի տարին
Անոնց վրայ չարիք պիտի բերեմ», կ’ըսէ Տէրը։
13 «Սամարիայի մարգարէներուն
Մէջ անզգամութիւն տեսայ.
Բահաղի անունով կը մարգարէանան
Եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ կը մոլորեցնեն։
14 Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ սոսկալի բան մը տեսայ.
Անոնք շնութիւն կ’ընեն ու ստութեան մէջ կը քալեն,
Չարագործներուն ձեռքերը կ’ուժովցնեն,
Որպէս զի ետ չդառնան իրենց չարութենէն.
Անոնք ինծի Սոդոմի պէս
Ու անոր բնակիչները Գոմորի պէս եղան»։
15 Ասոր համար զօրքերու Տէրը մարգարէներուն համար այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես անոնց օշինդր պիտի կերցնեմ
Եւ անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ,
Վասն զի Երուսաղէմի մարգարէներէն ամբարշտութիւն ելաւ
Ու բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ»։
16 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ձեզի մարգարէութիւն ընողներուն խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք.
Անոնք ունայնութեան կը տանին ձեզ,
Իրենց սրտին տեսիլքը կը խօսին,
Ո՛չ թէ Տէրոջը բերնէն»։
17 «Անոնք զիս անարգողներուն կը խօսին ու կ’ըսեն,
Տէրը ըսաւ. ‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’
Եւ իրենց սրտին կամակորութեանը մէջ քալողներուն կ’ըսեն՝
‘Ձեր վրայ չարիք պիտի չգայ’»։
18 Անոնցմէ ո՞վ կայնեցաւ Տէրոջը խորհուրդին մէջ,
Ո՞վ իմացաւ ու անոր խօսքը լսեց։
Անոր խօսքին ո՞վ ականջ տուաւ ու մտիկ ըրաւ։
19 Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ.
Անիկա սաստիկ մրրիկ է,
Ամբարիշտներուն գլխուն վրայ պիտի յարձակի։
20 Տէրոջը բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ,
Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չհաստատէ։
Վերջին օրերը ասիկա աղէկ պիտի հասկնաք։
21 «Այս մարգարէները ես չղրկեցի, բայց անոնք կը վազեն։
Ես անոնց չխօսեցայ, բայց անոնք կը մարգարէանան։
22 Իսկ եթէ անոնք իմ խորհուրդիս մէջ կեցած ըլլային,
Այն ատեն իմ խօսքս իմ ժողովուրդիս պիտի յայտնէին
Եւ զանոնք իրենց չար ճամբաներէն
Ու իրենց չար գործերէն պիտի դարձնէին»։
23 «Միթէ ես մօտէ՞ն Աստուած եմ
Ու հեռուէն Աստուած չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։
24 «Կամ թէ մէկը ծածուկ տեղեր կրնա՞յ պահուիլ,
Որ ես զանիկա չտեսնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
«Միթէ երկինքն ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։
25 «Իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն ըսածները լսեցի,
Որոնք կ’ըսեն. ‘Երազ տեսայ, երազ տեսայ’։
26 Մինչեւ ե՞րբ ասիկա սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն սրտին մէջ պիտի ըլլայ,
Որոնք իրենց սրտին նենգութիւններով կը մարգարէանան։
27 Անոնք իրենց երազներովը, որոնք իրարու կը պատմեն,
Իմ անունս իմ ժողովուրդիս մոռցնել կը խորհին,
Ինչպէս իրենց հայրերը Բահաղի պատճառով իմ անունս մոռցան։
28 Երազ տեսնող մարգարէն թող երազ պատմէ,
Իսկ իմ խօսքս ունեցողը ճշմարտութեամբ թող իմ խօսքս յայտնէ.
«Յարդը ցորենին քով ի՞նչ է», կ’ըսէ Տէրը։
29 «Միթէ իմ խօսքս կրակի պէս չէ՞, կ’ըսէ Տէրը,
Կամ ապառաժը կոտրտող մուրճի պէս չէ՞»։
30 «Անոր համար ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը,
Որոնք՝ բոլորն ալ իրենց ընկերէն իմ խօսքերս կը գողնան»։ 31 «Ահա ես այն Մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը,
Որոնք իրենց լեզուները կը գործածեն ու կ’ըսեն՝ ‘Անիկա ըսաւ’»։
32 «Ահա ես այն սուտ երազներ մարգարէացողներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը,
Որ զանոնք պատմելով իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն
Իրենց ստութիւններովն ու սնապարծութիւնովը։
Ես զանոնք չղրկեցի եւ անոնց չպատուիրեցի։
Անոնք այս ժողովուրդին ամենեւին օգուտ մը պիտի չընեն», կ’ըսէ Տէրը։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԵՌԸ
33 Երբ այս ժողովուրդէն մէկը՝
Կամ մարգարէ մը կամ քահանայ մը
Քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ՝ ‘Տէրոջը բեռը ի՞նչ է’,
Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Դուք էք Տէրոջը բեռը’։
«Ես ձեզ անշուշտ պիտի լքեմ», կ’ըսէ Տէրը։
34 «Այն մարգարէն կամ քահանան, կամ ժողովուրդը,
Որ Տէրոջը բեռը կ’ըսէ,
Այն մարդը ու անոր տունը պիտի պատժեմ», կ’ըսէ Տէրը։
35 Ամէն մարդ իր ընկերին
Ու ամէն մարդ իր եղբօրը այսպէս պէտք է ըսէ.
«Տէրը ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ
«Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։
36 Ու ա՛լ Տէրոջը բեռը մի՛ յիշէք.
Վասն զի ամէն մարդու բեռ իր խօսքը պիտի ըլլայ.
Բայց դուք կենդանի Աստուծոյն,
Զօրքերու Տէրոջը, մեր Աստուծոյն, խօսքը փոխեցիք։
37 Մարգարէին այսպէս պէտք է ըսէք.
«Տէրը քեզի ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ
«Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։
38 Բայց եթէ ‘Տէրոջը բեռը’ կ’ըսէք,
Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Քանի որ այս խօսքը, այսինքն ‘Տէրոջը բեռը’, կ’ըսէք,
Թէեւ ես ձեզի լուր ղրկեցի ու ըսի՝ ‘Տէրոջը բեռը’ մի՛ ըսէք,
39 Անոր համար ահա ես ձեզ բոլորովին պիտի մոռնամ
Ու երեսէ պիտի ձգեմ ձեզ եւ
Այն քաղաքը, որ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուի։
40 Ձեր վրայ յաւիտենական նախատինք
Ու յաւիտենական անարգանք պիտի դնեմ,
Որ պիտի չմոռցուի»։
ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՈՎ ԹՈՒԶ
24 1 Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին՝ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի իշխանները եւ հիւսները ու դարբինները Երուսաղէմէն գերի առնելէն ու Բաբելոն տանելէն ետքը, Տէրը ինծի այս տեսիլքը ցուցուց։ Ահա Տէրոջը տաճարին առջեւ դրուած երկու կողով թուզ կար։ 2 Մէկ կողովին մէջ խիստ աղէկ թուզեր կային՝ կանխահաս թուզերու պէս, իսկ միւս կողովին մէջ խիստ գէշ թուզեր կային, այնպէս որ անկարելի էր զանոնք ուտելը։ 3 Տէրը ինծի ըսաւ. «Ո՛վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Թուզեր։ Աղէկ թուզերը խիստ աղէկ են ու գէշերը շատ գէշ են, այնպէս որ գէշութենէն զանոնք ուտել անկարելի է»։
4 Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 5 ‘Այս աղէկ թուզերուն պէս պիտի բռնեմ Յուդայէն գերի քշուածները, որոնք այս տեղէն Քաղդէացիներուն երկիրը ղրկեցի իրենց աղէկ ըլլալու համար։ 6 Իմ աչքերս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ բարութեան համար ու զանոնք այս երկիրը պիտի դարձնեմ եւ զանոնք պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ։ Զանոնք պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ։ 7 Անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան ու ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ, վասն զի իրենց բոլոր սրտովը ինծի պիտի դառնան’։ 8 Բայց այս գէշ թուզերուն համար, որոնք գէշութենէ չեն ուտուիր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան ու անոր իշխանները ու Երուսաղէմի մնացորդը, որոնք այս երկրին մէջ մնացեր են, նաեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակողները 9 Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան ու թշուառութեան պիտի մատնեմ, որպէս զի անոնք նախատինքի, ծաղրանքի առարկայ, անարգանք ու անէծք ըլլան այն բոլոր տեղերը, ուր զանոնք պիտի քշեմ։ 10 Անոնց վրայ սուր, սով ու ժանտախտ պիտի ղրկեմ, մինչեւ հատնին այն երկրին վրայէն, որը իրենց ու իրենց հայրերուն տուի»։
ՀԻՒՍԻՍԷՆ ԹՇՆԱՄԻՆ
25 1 Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առաջին տարին էր, բոլոր Յուդայի ժողովուրդին վրայով Երեմիային եղած խօսքն է, 2 Որ Երեմիա մարգարէն բոլոր Յուդայի ժողովուրդին ու բոլոր Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. 3 «Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային տասնըերեքերորդ տարիէն մինչեւ այսօր, որ քսանըերեք տարի է, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ու ես ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք։ 4 Տէրը ձեզի ղրկեց իր բոլոր ծառաները, մարգարէները՝ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք ու մտիկ ընելու համար ականջնիդ չբացիք, 5 Որոնք կ’ըսէին. ‘Ամէն մէկդ ձեր չար ճամբայէն ու ձեր չար գործերէն ետ դարձէք, որպէս զի յաւիտեան բնակիք այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն տուաւ 6 Եւ օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք անոնց ծառայելու ու երկրպագութիւն ընելու համար եւ զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը մի՛ բարկացնէք, որպէս զի ձեզի չարիք չընեմ’։ 7 ‘Բայց դուք ինծի մտիկ չըրիք, կ’ըսէ Տէրը, որպէս զի զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը բարկացնէք ու ձեզի գէշ ըլլայ’։
8 «Ասոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 9 Որովհետեւ իմ խօսքերուս մտիկ չըրիք, ահա ես պիտի ղրկեմ բոլոր հիւսիսի ազգատոհմերը եւ իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ պիտի առնեմ, զանոնք այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ ու բոլոր այս շրջակայ ազգերուն վրայ պիտի բերեմ, բոլոր երկիրը նզովուածի պէս բնաջինջ պիտի ընեմ, զարմանքի ու սուլելու ենթակայ պիտի ընեմ ու յաւիտենապէս աւերակ պիտի ընեմ։ 10 Անկէ ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն, աղօրիքի ձայն ու ճրագի լոյսը պիտի կորսնցնեմ։ 11 Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ եւ այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն»։
12 «Եօթանասուն տարին լմննալէն ետքը Բաբելոնի թագաւորը ու այն ազգը պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար. նաեւ Քաղդէացիներուն երկիրը պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը եւ զանիկա յաւիտենապէս ամայի պիտի դարձնեմ։ 13 Այն երկրին վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոր դէմ խօսեցայ, այսինքն Երեմիային բոլոր ազգերուն վրայով ըրած մարգարէութեան գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները։ 14 Քանզի շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ զանոնք իրենց ծառայ պիտի ընեն ու ես անոնց հատուցում պիտի ընեմ իրենց ըրածներուն ու իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԱԶԳԵՐՈՒՆ
15 Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս ըսաւ. «Այս բարկութեան գինիի գաւաթը ձեռքէս ա՛ռ ու զանիկա խմցո՛ւր այն բոլոր ազգերուն, որոնց քեզ կը ղրկեմ։ 16 Անոնք պիտի խմեն ու խռովին ու անոնց մէջ ղրկած սուրիս երեսէն պիտի յիմարանան»։ 17 Ուստի Տէրոջը ձեռքէն գաւաթը առի ու խմցուցի այն բոլոր ազգերուն, որոնց Տէրը զիս ղրկեց. 18 Երուսաղէմի ու Յուդայի քաղաքներուն եւ անոր թագաւորներուն ու անոր իշխաններուն, որպէս զի զանոնք անապատ, ամայի, անարգանք ու անէծք ընէ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ. 19 Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին եւ անոր ծառաներուն ու իշխաններուն ու անոր բոլոր ժողովուրդին 20 Եւ բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդներուն ու Հուս երկրին բոլոր թագաւորներուն ու Փղշտացիներու երկրին բոլոր թագաւորներուն, այսինքն Ասկաղոնի, Գազայի ու Ակկարոնի եւ Ազովտոսի մնացորդին. 21 Եդովմի ու Մովաբի ու Ամմոնի որդիներուն 22 Եւ Տիւրոսի բոլոր թագաւորներուն ու Սիդոնի բոլոր թագաւորներուն եւ ծովուն անդիի կողմը եղող կղզիներու թագաւորներուն. 23 Դեդանի ու Թեմայի եւ Բուզի ու իրենց մօրուքին ծայրերը կտրողներուն 24 Եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներուն ու անապատը բնակող խառնիճաղանճ ժողովուրդին բոլոր թագաւորներուն 25 Եւ Զամբրիի բոլոր թագաւորներուն ու Եղամի բոլոր թագաւորներուն ու Մարերու բոլոր թագաւորներուն 26 Եւ իրարու մօտ կամ հեռու եղող հիւսիսի բոլոր թագաւորներուն ու երկրի երեսին վրայ եղող երկրի բոլոր թագաւորներուն խմցուցի։ Անոնցմէ ետքը Սիսակի թագաւորը պիտի խմէ։ 27 Ու անոնց ըսի. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք ու փսխեցէ՛ք, ձեր մէջ ղրկելու սուրիս երեսէն ինկէ՛ք ու մի՛ ելլէք’»։ 28 «Եթէ գաւաթը քու ձեռքէդ առնել չուզեն խմելու համար, այն ատեն անոնց ըսէ՛՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անշուշտ պիտի խմէք’. 29 Քանզի ահա ես իմ անունովս կոչուած քաղաքին վրայ չարիք բերելու սկսայ. միթէ դուք անպատի՞ժ պիտի մնաք։ Ո՛չ, անպատիժ պիտի չմնաք, քանզի երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ սուր պիտի բարձրացնեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
30 Ուստի դուն այս բոլոր խօսքերը մարգարէանալով՝ անոնց ըսէ.
‘Տէրը բարձրէն պիտի գոռայ
Ու իր սուրբ բնակութենէն իր ձայնը պիտի տայ.
Իր բնակարանին վրայ ահարկու ձայնով պիտի գոռայ,
Խաղող կոխողներու աղաղակին պէս
Երկրի բոլոր բնակիչներուն դէմ։
31 Անոր բարձր ձայնը մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի հասնի,
Վասն զի Տէրը ազգերուն դէմ ամբաստանութիւն ունի.
Անիկա ամէն մարմնի հետ դատ պիտի վարէ
Ու ամբարիշտները սուրի պիտի տայ’, կ’ըսէ Տէրը։
32 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Ահա չարիք մը պիտի ելլէ, որ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի։
Երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ մը պիտի ելլէ։
33 Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները
Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին։
Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի,
Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին,
Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան’։
34 «Ողբացէ՛ք, ո՛վ հովիւներ ու աղաղակեցէ՛ք
Եւ մոխիրի մէջ թաւալեցէ՛ք եւ ցիրուցան ըլլալու օրերը մօտեցած են
Ու պատուական ամանի պէս պիտի իյնաք։
35 Հովիւներուն փախչելու ճամբան
Եւ հօտին ընտիրներուն փրկութիւնը պիտի կորսուի։
36 Հովիւներուն աղաղակին ձայնը
Եւ հօտին ընտիրներուն ոռնալուն ձայնը լսեցէ՛ք,
Վասն զի Տէրը անոնց արօտները աւերեց։
37 Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը երեսէն
Խաղաղութեան բնակարանները ամայութեան դարձան։
38 Առոյգ առիւծի պէս իր բնակարանը թողուց,
Քանզի բռնաւորին բարկութեանը երեսէն
Ու անոր սաստիկ սրտմտութեանը երեսէն
Անոնց երկիրը ամայացաւ»։
ԵՐԵՄԻԱ ԴԱՏԻ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻ
26 1 Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին թագաւորութեանը սկիզբը՝ Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ՝ ըսելով. 2 «Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ կայնէ՛ ու Տէրոջը տունը երկրպագութիւն ընելու եկող Յուդայի բոլոր քաղաքներուն յայտնէ՛ այն ամէն խօսքերը, որոնք քեզի պատուիրեցի անոնց ըսելու համար. խօսք մը զանց մի՛ առներ, 3 Թերեւս մտիկ ընեն ու ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ, ես ալ զղջամ այն չարիքին համար որ անոնց չար գործերուն պատճառով իրենց վրայ բերել կը խորհիմ»։ 4 Անոնց ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ինծի մտիկ չընելով՝ ձեր առջեւ դրած օրէնքիս մէջ չքալէք 5 Ու ձեզի ղրկած ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ խօսքերուն մտիկ չընէք, որոնք կանուխ ելլելով ղրկեցի ու դուք մտիկ չըրիք, 6 Այն ատեն այս տունը Սելովին պէս պիտի ընեմ եւ այս քաղաքը երկրին բոլոր ազգերուն անէծք պիտի ընեմ’»։
7 Քահանաները եւ մարգարէներն ու բոլոր ժողովուրդը լսեցին, երբ Երեմիա Տէրոջը տանը մէջ այս խօսքերը կը խօսէր։ 8 Երբ Երեմիա լմնցուց այն բոլոր խօսքերը, որոնք Տէրը հրամայեր էր բոլոր ժողովուրդին ըսելու, քահանաներն ու մարգարէները ու բոլոր ժողովուրդը զանիկա բռնեցին ու ըսին. «Դուն անպատճառ պիտի մեռնիս. 9 Ինչո՞ւ համար Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն ըրիր՝ ըսելով. ‘Այս տունը Սելովի պէս պիտի ըլլայ եւ հոն բնակիչ պիտի չմնայ’»։ Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը մէջ Երեմիայի վրայ հաւաքուեցաւ։
10 Երբ Յուդայի իշխանները այս բաները լսեցին, թագաւորին տունէն Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը նստան։ 11 Քահանաները եւ մարգարէները իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի է, քանզի այս քաղաքին դէմ մարգարէութիւն ըրաւ, ինչպէս դուք ձեր ականջներով լսեցիք»։
12 Երեմիան բոլոր իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը զիս ղրկեց, որ այս տանը ու այս քաղաքին վրայով ձեր լսած բոլոր խօսքերը ըսելով՝ մարգարէութիւն ընեմ։ 13 Ուստի ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէք եւ ձեր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ըրէք եւ Տէրը ձեր վրայով ըսած չարիքին համար պիտի զղջայ։ 14 Բայց ես ահա ձեր ձեռքն եմ. ձեր աչքին աղէկ ու շիտակ երեւցածը ըրէ՛ք ինծի. 15 Սակայն աղէկ գիտցէ՛ք թէ եթէ դուք զիս մեռցնէք, ձեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ անշուշտ անմեղ արեան պատիժը պիտի բերէք. վասն զի իրապէս Տէրը զիս ձեզի ղրկեց, որպէս զի այս բոլոր խօսքերը ձեր ականջներուն ըսեմ»։
16 Այն ատեն իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը քահանաներուն ու մարգարէներուն ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի չէ, վասն զի մեր Տէր Աստուծոյն անունովը մեզի խօսեր է»։ 17 Ու երկրին ծերերէն քանի մը մարդիկ ելան եւ հաւաքուած բոլոր ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. 18 «Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը Մօրստացի Միքիան մարգարէութիւն ըրաւ եւ բոլոր Յուդայի ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի ու Երուսաղէմ աւերակներու դէզերու ու Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ»։ 19 Միթէ Յուդայի Եզեկիա թագաւորն ու բոլոր Յուդան զանիկա մեռցուցի՞ն. չէ՞ որ անիկա Տէրոջմէ վախնալով՝ Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ եւ Տէրը անոնց վրայով ըսած չարիքին համար զղջաց. ուրեմն մենք մեծ չարիք մը ըրած կ’ըլլանք մեր անձերուն»։
20 Նաեւ Կարիաթարիմէն Սեմայիայի որդին Ուրիա անունով մարդ մը կար, որ Տէրոջը անունով մարգարէութիւն կ’ընէր։ Անիկա այս քաղաքին վրայ ու այս երկրին վրայ Երեմիային բոլոր խօսքերուն պէս մարգարէացաւ։ 21 Երբ Յովակիմ թագաւորն ու անոր բոլոր զօրաւոր մարդիկը ու բոլոր իշխանները անոր խօսքերը լսեցին, թագաւորը ուզեց որ զանիկա մեռցնէ. բայց Ուրիան այս բանը լսելով՝ վախցաւ ու փախաւ Եգիպտոս գնաց։ 22 Յովակիմ թագաւորը մարդիկ ղրկեց Եգիպտոս եւ Աքոբորի որդին Եղնաթանը ու անոր հետ քանի մը մարդիկ։ 23 Անոնք Ուրիան Եգիպտոսէն հանեցին ու Յովակիմ թագաւորին բերին, ան ալ զանիկա սուրով զարկաւ ու անոր մարմինը ժողովուրդին որդիներուն գերեզմանները նետեց։ 24 Բայց Սափանի որդին Աքիկամին ձեռքը Երեմիային հետ էր, որ չըլլայ թէ անիկա ժողովուրդին ձեռքը մատնուելով՝ մեռցուի։
ԵՐԵՄԻԱ ԵԶԱՆ ԼՈՒԾԸ ԿԸ ԿՐԷ
27 1 Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ՝ ըսելով. Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. 2 «Քեզի կապեր ու լուծեր շինէ՛ ու զանոնք պարանոցիդ վրայ դիր։ 3 Զանոնք Երուսաղէմ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին եկող դեսպաններուն ձեռքով Եդովմի թագաւորին ու Մովաբի թագաւորին ու Ամմոնին որդիներուն թագաւորին եւ Տիւրոսի թագաւորին ու Սիդոնի թագաւորին ղրկէ՛։ 4 Անոնց պատուէր տո՛ւր իրենց տէրերուն համար ու ըսէ. ‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր տէրերուն այսպէս ըսէք. 5 «Ես իմ զօրութիւնովս ու երկնցած բազուկովս երկիրը, մարդը ու երկրին երեսին վրայ եղող անասունները ստեղծեցի եւ զանիկա կու տամ, որու որ իմ աչքիս առջեւ հաճոյ երեւնայ տալ։ 6 Եւ հիմա այս բոլոր երկիրները ես իմ ծառայիս, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը կու տամ ու դաշտի գազաններն ալ անոր կու տամ, որպէս զի անոր ծառայութիւն ընեն։ 7 Բոլոր ազգերը ծառայութիւն պիտի ընեն անոր ու անոր որդիին ու անոր որդիին որդիին, մինչեւ անոր երկրին ժամանակն ալ հասնի ու շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ զանիկա ալ իրենց ծառայ ընեն։ 8 Բայց այն ազգը կամ թագաւորութիւնը, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն չ’ըներ ու իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ չի դներ, այն ազգը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի պատժեմ, մինչեւ զանոնք անոր ձեռքով հատցնեմ»’»։
9 «Դուք մտիկ մի՛ ընէք ձեր մարգարէներուն, բաղդ նայողներուն, երազատեսներուն, գուշակողներուն ու կախարդներուն, որոնք ձեզի կ’ըսեն՝ ‘Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք’. 10 Քանզի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ձեր երկրին վրայէն ձեզ հեռացնեն ու ես ձեզ վռնտեմ ու կորսուիք։ 11 Բայց իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դնող եւ անոր ծառայութիւն ընող ազգը անշուշտ իր երկրին վրայ հանգիստ պիտի թողում, կ’ըսէ Տէրը ու պիտի մշակէ զանիկա ու անոր մէջ պիտի բնակի»։
12 Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին ալ այս բոլոր խօսքերուն համեմատ ըսի. «Ձեր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դրէ՛ք եւ անոր ու անոր ժողովուրդին ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի ապրիք։ 13 Ինչո՞ւ համար դուն ու քու ժողովուրդդ սուրով, սովով ու ժանտախտով մեռնիք, ինչպէս Տէրը Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն չընող ազգին համար ըսաւ։ 14 Դուք մտիկ մի՛ ընէք այն մարգարէներուն խօսքերուն, որոնք ձեզի կ’ըսեն. ‘Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք’, վասն զի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն. 15 Քանզի ‘Ես զանոնք չղրկեցի, կ’ըսէ Տէրը, հապա անոնք իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ես ձեզ վռնտեմ ու դուք ու ձեզի մարգարէութիւն ընող մարգարէները կորսուիք’»։
16 Ես քահանաներուն եւ այս բոլոր ժողովուրդին ըսի. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր մարգարէներուն խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք, որոնք ձեզի մարգարէութիւն կ’ընեն՝ ըսելով. ‘Ահա Տէրոջը տանը անօթները մօտերս Բաբելոնէն ետ պիտի բերուին’, քանզի անոնք սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն ձեզի։ 17 Անոնց մտիկ մի՛ ընէք։ Բաբելոնի թագաւորին ծառայեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք. ինչո՞ւ այս քաղաքը աւերակ ըլլայ։ 18 Բայց եթէ անոնք մարգարէներ են ու եթէ անոնց քով Տէրոջը խօսքը կայ, թող հիմա զօրքերու Տէրոջը աղօթք ընեն, որպէս զի Տէրոջը տանը մէջ եւ Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթները Բաբելոն չտարուին»։ 19 Վասն զի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սիւներուն ու ծովին եւ մեքենովթներուն ու այս քաղաքին մէջ մնացած անօթներուն համար, 20 Որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը չառաւ, երբ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ազնուականները Երուսաղէմէն Բաբելոն գերի տարաւ. 21 Նաեւ Տէրոջը տանը մէջ եւ Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթներուն համար՝ 22 Անոնք Բաբելոն պիտի տարուին եւ հոն պիտի մնան մինչեւ այն օրը երբ անոնց այցելութիւն ընեմ’, կ’ըսէ Տէրը. ետքը զանոնք պիտի հանեմ ու այս տեղ պիտի դարձնեմ»։
ԵՐԵՄԻԱՆ ԵՒ ԱՆԱՆԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
28 1 Նոյն տարին Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը, չորրորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, Գաբաւոնէն եղող Ազուրի որդին Անանիա մարգարէն Տէրոջը տանը մէջ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ ինծի ըսաւ. 2 «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Բաբելոնի թագաւորին լուծը կոտրեցի։ 3 Երկու տարիէն, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին այս տեղէն առած ու Բաբելոն տարած Տէրոջը տանը բոլոր անօթները այս տեղ պիտի դարձնեմ 4 Եւ Յուդայի թագաւոր Յովակիմին որդին Յեքոնիան ու Բաբելոն տարուած բոլոր գերիները այս տեղ պիտի դարձնեմ, վասն զի Բաբելոնի թագաւորին լուծը պիտի կոտրեմ’»։
5 Այն ատեն Երեմիա մարգարէն, Տէրոջը տանը մէջ կայնող բոլոր քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Անանիա մարգարէին խօսեցաւ 6 Ու ըսաւ. «Ամէ՛ն. Տէրը այնպէս թող ընէ. Տէրը քու մարգարէացած խօսքերդ թող հաստատէ՛ ու Տէրոջը տանը անօթները ու բոլոր գերիները Բաբելոնէն այս տեղ թող դարձնէ՛։ 7 Բայց հիմա քու ականջներուդ եւ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այս իմ խօսքիս մտիկ ըրէ. 8 Ինձմէ առաջ ու քեզմէ առաջ, սկիզբէն ի վեր եկող մարգարէները շատ երկիրներու դէմ ու մեծ թագաւորութիւններու դէմ՝ պատերազմի, չարիքի ու ժանտախտի վրայով մարգարէացան։ 9 Երբ մարգարէ մը խաղաղութիւն կը մարգարէանայ ու այն մարգարէին խօսքը կը կատարուի, այն ատեն կը հասկցուի թէ անիկա ճշմարտապէս Տէրոջմէ ղրկուած մարգարէ մըն է’»։
10 Այն ատեն Անանիա մարգարէն Երեմիա մարգարէին պարանոցէն լուծը առաւ ու զանիկա կոտրեց։ 11 Եւ Անանիան բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ ըսաւ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Երկու տարիէն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին լուծը բոլոր ազգերու պարանոցին վրայէն այսպէս պիտի կոտրեմ»։ Երեմիա մարգարէն իր ճամբան գնաց։
12 Անանիա մարգարէին՝ Երեմիա մարգարէին պարանոցին վրայէն լուծը կոտրելէն ետքը, Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 13 «Գնա՛ Անանիային ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն փայտէ լուծերը կոտրեցիր, սակայն անոնց տեղ երկաթէ լուծեր պիտի շինես։ 14 Քանզի զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս բոլոր ազգերուն պարանոցին վրայ երկաթէ լուծ դրի, որպէս զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն ընեն, անոր ծառայեն։ Դաշտի գազաններն ալ անոր տուի’»։
15 Երեմիա մարգարէն Անանիա մարգարէին ըսաւ. «Հիմա լսէ՛, ո՛վ Անանիա, Տէրը քեզ ղրկած չէ ու դուն այս ժողովուրդը մղեցիր, որ ստութեան յուսան։ 16 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզ երկրի երեսէն պիտի վռնտեմ. դուն այս տարի պիտի մեռնիս, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուցիր’»։ 17 Անանիա մարգարէն այդ տարուան եօթներորդ ամսուան մէջ մեռաւ։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ
29 1 Ասոնք են այն նամակին խօսքերը, որոնք Երեմիա մարգարէն Երուսաղէմէն ղրկեց գերիներէն մնացած ծերերուն, քահանաներուն եւ մարգարէներուն ու բոլոր ժողովուրդին, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն Բաբելոն քշեր էր, 2 Յեքոնիա թագաւորին եւ թագուհիին ու պալատականներուն, Յուդայի ու Երուսաղէմի իշխաններուն ու հիւսներուն եւ դարբիններուն Երուսաղէմէն ելլելէն ետքը, 3 Սափանի որդիին Եղիասային ու Քեղկիայի որդիին Գամարիային միջոցով (որոնք Յուդայի թագաւորը Սեդեկիա Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին Բաբելոն ղրկեր էր)։
4 «Այսպէս կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ բոլոր գերիներուդ, որոնք Երուսաղէմէն Բաբելոն քշել տուեր եմ. 5 ‘Տուներ շինեցէ՛ք ու բնակեցէ՛ք, պարտէզներ տնկեցէ՛ք ու անոնց պտուղը կերէ՛ք, 6 Կիներ առէ՛ք ու տղաքներ ու աղջիկներ ունեցէ՛ք ու ձեր տղոցը կիներ առէ՛ք եւ ձեր աղջիկները այրերու տուէ՛ք, որպէս զի տղաքներ ու աղջիկներ ծնանին եւ հոդ բազմացէ՛ք ու մի՛ քիչնաք։ 7 Այն քաղաքին խաղաղութիւնը փնտռեցէ՛ք, ուր ձեզ քշել տուեր եմ եւ անոր համար Տէրոջը աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի անոր խաղաղութիւնովը ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’։ 8 Քանզի զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր մէջ եղող ձեր մարգարէները ու ձեր բաղդ նայողները ձեզ թող չխաբեն եւ ձեր տեսած երազներուն մտիկ մի՛ ընէք։ 9 Վասն զի իմ անունովս սուտ մարգարէութիւններ կ’ընեն ձեզի։ Ես զանոնք չղրկեցի’։ 10 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երբ Բաբելոնի եօթանասուն տարին լմննայ, ձեզի պիտի այցելեմ եւ ձեզ այս տեղ պիտի դարձնեմ եւ իմ բարի խոստումս պիտի կատարեմ։ 11 Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու։ 12 Դուք ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ։ 13 Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, վասն զի ձեր բոլոր սրտովը պիտի խնդրէք զիս 14 Ու ես ձեզի պիտի երեւիմ’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Ձեզ գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ բոլոր ազգերէն ու այն բոլոր տեղերէն, ուր ձեզ ցրուեր էի’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Ձեզ պիտի դարձնեմ այն տեղը, ուրկէ ձեզ գերութեան քշել տուի’։ 15 (Վասն զի դուք ըսիք թէ Տէրը մեզի Բաբելոնի մէջ մարգարէներ հանեց)։
16 Քանզի Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորին համար ու այս քաղաքին մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդին համար ձեզի հետ գերութեան չգացող եղբայրներուն համար 17 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես անոնց մէջ պիտի ղրկեմ սուրը, սովն ու ժանտախտը եւ զանոնք խիստ գէշ թուզերու պէս պիտի ընեմ, որոնք գէշութենէն չեն ուտուիր 18 Ու զանոնք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի հալածեմ եւ զանոնք նեղութիւն կրելու պիտի մատնեմ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ ու զանոնք անէծքի, զարմանքի, սուլելու ու նախատինքի ենթակայ պիտի ընեմ այն բոլոր ազգերուն մէջ, ուր զանոնք պիտի քշեմ. 19 Որովհետեւ իմ խօսքերուս մտիկ չըրին’, կ’ըսէ Տէրը։ Երբ իմ ծառաներս՝ մարգարէները ձեզի ղրկեցի, կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք’։ 20 Ուրեմն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, ո՛վ բոլոր գերիներ, որոնք Երուսաղէմէն Բաբելոն ղրկեցի։ 21 Իմ անունովս ձեզի սուտ մարգարէութիւն ընող Կովղիայի որդիին Աքաաբին վրայով ու Մաասիային որդիին Սեդեկիային վրայով զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես զանոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որը զանոնք ձեր աչքերուն առջեւ պիտի զարնէ 22 Եւ Բաբելոն եղող Յուդայի բոլոր գերիներուն մէջ՝ այս անէծքը կը գործածուի. «Տէրը քեզ Բաբելոնի թագաւորին կրակի մէջ խորոված Սեդեկիային ու Աքաաբին պէս ընէ»։ 23 Վասն զի Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն գործեցին եւ իրենց ընկերներուն կիներուն հետ շնութիւն ըրին ու իմ անունովս սուտ խօսեցան, որոնք ես անոնց չհրամայեցի. բայց ես գիտեմ ու վկայ եմ, կ’ըսէ Տէրը’»։
ՍԵՄԱՅԻԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿԸ
24 Նեհելամացի Սեմայիային խօսէ՛ ու ըսէ՛, 25 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ դուն Երուսաղէմ եղող բոլոր ժողովուրդին եւ Մաասիայի որդիին Սոփոնիա քահանային ու բոլոր քահանաներուն քու անունովդ թուղթեր ղրկեցիր՝ ըսելով. 26 ‘Տէրը քեզ Յովիադա քահանային տեղ քահանայ դրաւ, որպէս զի Տէրոջը տանը վերակացու ըլլաս ու ամէն խելացնոր մարդ, որ զինք մարգարէ կը ձեւացնէ, կոճղի ու երկաթի մէջ դնես։ 27 Հիմա ինչո՞ւ համար ձեզի մարգարէութիւն ընող Անաթովթացի Երեմիան չյանդիմանեցիր։ 28 Վասն զի անիկա մեզի այսպէս նամակ ղրկեց Բաբելոն ու ըսաւ. «Այս գերութիւնը պիտի երկննայ. տուներ շինեցէ՛ք ու բնակեցէ՛ք, պարտէզներ տնկեցէ՛ք եւ անոնց պտուղը կերէ՛ք’»։ 29 Սոփոնիան կարդաց այս թուղթը Երեմիա մարգարէին ականջներուն 30 Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 31 «Բոլոր գերիներուն լուր ղրկէ՛ ու ըսէ՛. Նեհելամացի Սեմայիային համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Սեմայիա ձեզի մարգարէութիւն ըրաւ, թէպէտեւ զանիկա ես չղրկեցի ու ձեզ մղեց որ ստութեան յուսաք, 32 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Նեհելամացի Սեմայիան ու անոր սերունդը պիտի պատժեմ. այս ժողովուրդին մէջ բնակող անոնցմէ մէկ մարդ պիտի չմնայ եւ իմ ժողովուրդիս ընելու բարիքս անիկա պիտի չտեսնէ, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուց’»։
ՏԷՐՈՋԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
30 1 Տէրոջը կողմանէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ՝ 2 Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կը խօսի ու կ’ըսէ. «Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գրքի մը մէջ գրէ՛. 3 Քանզի ահա օրեր պիտի գան, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլն եւ Յուդան գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք իրենց հայրերուն տուած երկիրս պիտի դարձնեմ, որ զանիկա ժառանգեն»։
4 Եւ Իսրայէլի համար ու Յուդայի համար Տէրոջը ըսած խօսքերը ասոնք են.
5 «Սոսկալի ձայն մը լսեցինք,
Վախ կայ ու խաղաղութիւն չկայ։
6 Հիմա հարցուցէ՛ք ու տեսէ՛ք,
Թէ արդեօք այր մարդը զաւակ կը ծնանի՞.
Ինչո՞ւ համար ամէն կտրիճ
Ծննդական կնոջ պէս ձեռքերը մէջքը դրած
Ու բոլորին երեսները դեղնած կը տեսնեմ։
7 Վա՜յ, քանզի անիկա մեծ օր է, անոր պէս չկայ։
Անիկա Յակոբին նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ,
Բայց անկէ պիտի ազատի։
8 «Վասն զի այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,
Անոր լուծը անոնց պարանոցէն պիտի կոտրեմ
Եւ կապերը պիտի փրցնեմ
Ու անգամ մըն ալ օտարներուն պիտի չծառայեն.
9 Հապա անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն
Ու Դաւիթ թագաւորին ծառայութիւն պիտի ընեն,
Որ ես պիտի հանեմ անոնց։
10 «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար
Ու ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր.
Քանզի ահա ես քեզ պիտի պահեմ
Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեանը երկրէն պիտի ազատեմ։
Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ
Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ։
11 «Վասն զի ես քեզ ազատելու համար քեզի հետ եմ, կ’ըսէ Տէրը.
Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը,
Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի,
Բայց քեզ պիտի չսպառեմ,
Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ,
Սակայն քեզ բոլորովին պիտի չհանեմ»։
12 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Քու հարուածդ անբժշկելի է ու վէրքդ անդարմանելի է.
13 Զանիկա դարմանելու համար քու դատդ տեսնող մը չկայ.
Քեզի համար դեղ ու սպեղանի չկայ։
14 Քու բոլոր հոմանիներդ քեզ մոռցան,
Քեզ չեն փնտռեր։
Վասն զի քեզ թշնամիի հարուածով,
Անգութ մէկուն պատիժովը զարկի՝
Քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար,
Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
15 Քու վէրքիդ համար ինչո՞ւ կ’աղաղակես։
Քու ցաւդ անբժշկելի է։
Այդ բաները քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար քեզի ըրի,
Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
16 Անոր համար ամէն անոնք, որ քեզ կը կլլեն, պիտի կլլուին։
Քու բոլոր թշնամիներդ գերութեան պիտի երթան։
Քեզ յափշտակողները պիտի յափշտակուին։
Քեզ կողոպտողները կողոպտուելու պիտի մատնեմ.
17 Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ
Եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Քանզի քեզ ‘Աքսորուած’ կոչեցին,
‘Այս այն Սիօնն է, որ փնտռող չկայ’, ըսին»։
18 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես Յակոբին վրանները գերութենէ պիտի դարձնեմ,
Անոր բնակարաններուն պիտի ողորմիմ։
Քաղաքը իր աւերակներուն վրայ պիտի շինուի
Եւ պալատը առաջուան պէս պիտի վերականգնի։
19 Անոնցմէ պիտի լսուի գովութեան երգ եւ
Ուրախութեան ձայն։
Զանոնք պիտի շատցնեմ ու պիտի չքիչնան,
Զանոնք պիտի փառաւորեմ ու պզտիկ պիտի չըլլան։
20 Անոնց տղաքները առաջուան պէս պիտի ըլլան,
Անոնց ժողովը իմ առջեւս պիտի հաստատուի
Ու բոլոր անոնց նեղութիւն տուողները պիտի պատժեմ։
21 Անոնց իշխանը իրենցմէ պիտի ըլլայ,
Անոնց վրայ տիրողը իրենց մէջէն պիտի ելլէ։
Զանիկա պիտի մօտեցնեմ ու ինծի մօտ պիտի ըլլայ.
Վասն զի ո՞վ է անիկա, որ իր սիրտը պատրաստեց ինծի մօտենալու։
22 Դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք,
Ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ»։
23 Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ։
Անիկա աւլող մրրիկ է,
Ամբարիշտներուն վրայ պիտի յարձակի։
24 Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ,
Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չգործադրէ։
Վերջին օրերը ասիկա պիտի հասկնաք։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՏՈՒՆ ԿԸ ԴԱՐՆԱՅ
31 1 «Այն ատեն, կ’ըսէ Տէրը,
Իսրայէլի բոլոր ազգատոհմերուն Աստուած պիտի ըլլամ
Ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։
2 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Սուրէն փախած ժողովուրդը անապատին մէջ շնորհք գտաւ,
Երբ Իսրայէլ կ’երթար հանգստութիւն գտնելու»։
3 Տէրը շատոնցմէ ինծի երեւցաւ ըսելով.
«Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի.
Անոր համար ողորմութեամբ քեզ քաշեցի։
4 Քեզ նորէն պիտի շինեմ ու պիտի շինուիս, ո՛վ Իսրայէլ։
Նորէն քու թմբուկներդ պիտի առնես
Եւ ցնծութեամբ պար բռնողներուն խումբին հետ պիտի միանաս։
5 Նորէն Սամարիայի լեռներուն վրայ այգիներ պիտի տնկես։
Տնկողները պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։
6 Վասն զի օր պիտի գայ, երբ
Եփրեմի լերանը վրայի պահապանները պիտի կանչեն.
‘Ելէ՛ք ու մեր Տէր Աստուծոյն՝ դէպի Սիօն երթանք’»։
7 Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Յակոբին համար ուրախութեամբ երգեցէ՛ք
Եւ ազգերուն ղեկավարին համար ցնծացէ՛ք.
Ձա՛յն տուէք, օրհնեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.
‘Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդդ՝
Իսրայէլի մնացորդը՝ փրկէ՛’։
8 Ահա ես զանոնք հիւսիսի երկրէն պիտի բերեմ
Ու զանոնք՝ երկրի ծայրերէն
Ու անոնց հետ կոյրն ու կաղը,
Յղին ու ծնած կինը զաւակներով մէկտեղ պիտի հաւաքեմ։
Մեծ խումբ մը հոս պիտի դառնայ։
9 Լալով պիտի գան ու աղաչանքներով զանոնք պիտի բերեմ.
Զանոնք ջուրերու վտակներուն քովէն պիտի պտըտցնեմ,
Շիտակ ճամբայէն, որուն մէջ պիտի չգայթին.
Վասն զի Իսրայէլին հա՛յր եղայ
Ու Եփրեմը իմ անդրանիկս է։
10 «Ո՛վ ազգեր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք
Ու հեռաւոր կղզիներուն պատմեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.
‘Իսրայէլը ցրուողը զանիկա պիտի հաւաքէ
Եւ զանիկա պիտի պահպանէ,
ինչպէս հովիւը իր հօտը կը պահպանէ’։
11 Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը
Ու զանիկա իրմէ զօրաւորին ձեռքէն ազատեց։
12 Եւ անոնք պիտի գան ու Սիօնի բարձրութեանը վրայ ուրախութեան ձայն պիտի վերցնեն
Եւ պիտի դիմեն Տէրոջը բարիքներուն,
Այսինքն ցորենին ու գինիին ու իւղին
Եւ հօտերուն ու արջառներուն։
Անոնց անձերը ջրուած պարտէզի պէս պիտի ըլլան
Ու ա՛լ պիտի չնուաղին։
13 Այն ատեն կոյսը պար բռնելով պիտի ուրախանայ,
Նաեւ երիտասարդները եւ ծերերը մէկտեղ։
Վասն զի անոնց սուգը ուրախութեան պիտի փոխեմ
Եւ զանոնք տրտմութենէն պիտի ուրախացնեմ։
14 Քահանաներուն հոգիները պարարտութիւնով պիտի լեցնեմ։
Իմ ժողովուրդս իմ բարիքներովս պիտի կշտանայ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՒԹԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ
15 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ,
Ողբի ու դառնագին լացի ձայն։
Ռաքէլ իր տղոցը համար կու լար
Եւ իր տղոցը համար մխիթարուիլ չէր ուզեր,
Վասն զի անոնք չկային»։
16 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Քու ձայնդ լալէն
Եւ աչքերդ արցունքէն դադրեցո՛ւր։
Վասն զի քու գործիդ համար վարձք կայ
Ու թշնամիին երկրէն պիտի դառնան»։
17 «Քու ապագայիդ համար յոյս կայ, կ’ըսէ Տէրը,
Թէ քու տղաքներդ իրենց սեփական երկիրը պիտի դառնան»։
18 «Յիրաւի Եփրեմին այսպէս ողբալը լսեցի.
‘Զիս խրատեցիր ու խրատուեցայ՝
Լուծի չսորված զուարակի պէս.
Զիս դարձո՛ւր, որպէս զի դառնամ,
Վասն զի իմ Տէր Աստուածս դո՛ւն ես։
19 Իրաւցնէ դառնալէս ետքը զղջացի
Ու կրթուելէս ետքը իմ ազդրիս զարկի.
Ամչցայ ու նախատուեցայ,
Վասն զի մանկութեանս անարգանքը կրեցի’։
20 Միթէ Եփրեմ իմ պատուական որդի՞ս է,
Կամ սիրական զաւա՞կ մըն է.
Վասն զի երբ ես անոր վրայով խօսիմ,
Շարունակ զանիկա կը յիշեմ.
Այս պատճառով իմ աղիքս կը գալարի անոր համար.
‘Անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ’, կ’ըսէ Տէրը։
21 Քեզի կոթողներ կանգնեցո՛ւր, քեզի սիւներ տնկէ՛,
Սիրտդ մեծ ճամբուն՝ քու գացած շաւիղիդ՝ դի՛ր։
Դարձի՛ր, ո՛վ Իսրայէլի կոյս,
Այս քու քաղաքներդ դարձիր։
22 Ո՛վ ապստամբ աղջիկ,
Մինչեւ ե՞րբ աստանդական պիտի շրջիս,
Քանզի Տէրը երկրի վրայ նոր բան ստեղծեց,
Կին մարդը պիտի պաշտպանէ այր մարդը»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ
23 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
«Այսուհետեւ Յուդայի երկրին մէջ
Ու անոր քաղաքներուն մէջ այս խօսքը պիտի ըսեն՝
Երբ անոնք գերութենէ դարձնեմ.
‘Տէրը քեզ օրհնէ,
Ո՛վ արդարութեան բնակարան, սո՛ւրբ լեռ’։
24 Եւ հոն, Յուդայի մէջ ու միանգամայն անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ
Երկրագործներ ու հօտերու հետ չուողներ պիտի բնակին։
25 Քանզի յոգնած հոգին պիտի զովացնեմ
Ու ամէն մարած հոգի պիտի կշտացնեմ»։
26 Ասոր վրայ արթնցայ ու նայեցայ
Եւ իմ քունս ինծի անոյշ էր։
27 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը
Մարդու սերմ ու անասունի սերմ պիտի ցանեմ։
28 Ինչպէս խլելու, փլցնելու, աւերելու
Եւ կորսնցնելու ու չարիք հասցնելու համար
Անոնց վրայ հսկեցի,
Նոյնպէս ալ շինելու ու տնկելու համար
Անոնց վրայ պիտի հսկեմ, կ’ըսէ Տէրը։
29 Այն օրերը անգամ մըն ալ պիտի չըսեն.
‘Հայրերը ազոխ կերան
Ու որդիներուն ակռաները առին’.
30 Հապա ամէն մարդ իր անօրէնութեանը համար պիտի մեռնի.
Ով որ ազոխ ուտէ,
Անոր ակռաները պիտի առնեն»։
31 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ
Նոր ուխտ պիտի ընեմ,
32 Ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի
Այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝
Զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար.
Քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին,
Ես ալ զանոնք մերժեցի», կ’ըսէ Տէրը.
33 Բայց այն օրերէն ետքը
Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է.
«Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ
Ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։
Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ
Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։
34 Ու անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին
Ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝
Ըսելով. ‘Տէրը ճանչցիր’.
Հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը
Ամէնքը զիս պիտի ճանչնան,
Վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ
Ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։
35 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը,
Որ արեւը հաստատեց օրուան լոյսին համար
Եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին ու աստղերուն կանոններ դրաւ,
Որ ծովը կը յանդիմանէ, երբ անոր ալիքները կը գոռան.
Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։
36 «Եթէ այս կանոնները իմ առջեւէս դադարին,
Իսրայէլի սերունդն ալ իմ առջեւէս ազգ ըլլալէ պիտի դադարի»։
37 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Եթէ երկինքը կրնայ վերէն չափուիլ
Ու երկրին հիմերը՝ վարէն քննուիլ,
Ես ալ Իսրայէլի բոլոր սերունդը,
Իրենց բոլոր ըրածներուն համար պիտի մերժեմ»։
38 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ Անկեան դուռը
Քաղաքը Տէրոջը համար պիտի շինուի
39 Եւ չափին լարը անկէ
Մինչեւ Գարեբին բլուրը պիտի ելլէ
Ու դէպի Գոաթ պիտի դառնայ
40 Եւ դիակներուն ու մոխիրներուն բոլոր ձորը
Ու բոլոր արտերը մինչեւ Կեդրոն հեղեղատը,
Մինչեւ Ձիերուն դրանը անկիւնը՝ դէպի արեւելք,
Սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը.
Անգամ մըն ալ պիտի չքակուի ու պիտի չփլչի յաւիտեան։
ԵՐԵՄԻԱՆ ԱՐՏ ՄԸ ԿԸ ԳՆԷ
32 1 Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին տասներորդ տարին, այսինքն Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին, Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է։ 2 Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմը կը պաշարէր ու Երեմիա մարգարէն Յուդայի թագաւորին տունը եղող բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր։ 3 Վասն զի Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը զանիկա բանտարկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ համար մարգարէութիւն ըրիր ու ըսիր թէ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ ու զանիկա պիտի առնէ 4 Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը Քաղդէացիներուն ձեռքէն պիտի չազատի. հապա անշուշտ Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու անոր հետ բերան առ բերան պիտի խօսի եւ անոր հետ աչք աչքի պիտի տեսնուի։ 5 Ու անիկա Սեդեկիան Բաբելոն պիտի տանի ու Սեդեկիա հոն պիտի մնայ մինչեւ ես անոր այցելեմ, կ’ըսէ Տէրը. եթէ Քաղդէացիներուն հետ պատերազմ ընէք, յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։
6 Այն ատեն Երեմիան ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 7 ‘Ահա քու հօրեղբօրդ Սեղղումին որդին՝ Անամայէլը քեզի պիտի գայ ու պիտի ըսէ. «Անաթովթի մէջ եղող ագարակս քեզի ծախու առ, վասն զի ազգականութեան իրաւունքով քեզի կ’իյնայ, որ ծախու առնես»։ 8 Եւ Տէրոջը խօսքին համեմատ իմ հօրեղբօրս որդին Անամայէլը ինծի եկաւ բանտին գաւիթը ու ինծի ըսաւ. ‘Շնորհք ըրէ՛, Բենիամինին երկիրը Անաթովթի մէջ ունեցած ագարակս ծախու ա՛ռ, վասն զի ժառանգութեան իրաւունքը քուկդ է ու քեզի կ’իյնայ, որ փրկես, քեզի ծախու ա՛ռ’։ Այն ատեն գիտցայ թէ ասիկա Տէրոջը խօսքն էր։ 9 «Եւ հօրեղբօրս որդիէն, Անամայէլէն, Անաթովթի մէջ եղող ագարակը ծախու առի ու ստակը տասնըեօթը սիկղ արծաթ կշռեցի անոր։ 10 Մուրհակ մը գրեցի ու կնքեցի ու վկաներ բռնեցի եւ արծաթը կշիռքով կշռեցի։ 11 Ստացուածքին մուրհակը, թէ՛ հրամանին ու կանոններուն համեմատ կնքուածը եւ թէ՛ բաց եղածը առի։ 12 Ու ստացուածքին մուրհակը, հօրեղբօրս որդիին Անամայէլին աչքերուն առջեւ ու ստացուածքի մուրհակին մէջ գրուող վկաներուն աչքերուն առջեւ, բանտի գաւիթին մէջ նստող բոլոր Հրեաներուն աչքերուն առջեւ, Մաասիային որդիին Ներիային որդիին Բարուքին տուի։ 13 Անոնց աչքերուն առջեւ, Բարուքին պատուիրեցի ու ըսի. 14 ‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Այս մուրհակները, այս կնքուած ստացուածքին մուրհակը ու այս բաց մուրհակը ա՛ռ եւ զանոնք հողէ ամանի մը մէջ դիր, որպէս զի շատ օրեր մնան։ 15 Քանզի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս երկրին մէջ նորէն տուներ ու ագարակներ եւ այգիներ ծախու պիտի առնուին’։
ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
16 Ստացուածքին մուրհակը Ներիային որդիին Բարուքին տալէս ետքը, Տէրոջը աղօթք ըրի ու ըսի. 17 ‘Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու երկնցած բազուկովդ երկինքն ու երկիրը ստեղծեցիր. ոեւէ բան քեզի դժուար չէ։ 18 Դուն հազարներուն ողորմութիւն կ’ընես ու հայրերուն անօրէնութեան պատիժը անոնցմէ ետքը անոնց որդիներուն կու տաս. դուն մեծ ու հզօր Աստուած ես եւ քու անունդ Զօրքերու Տէր է։ 19 Դուն խորհուրդով՝ մեծ ու գործով զօրաւոր ես, այնպէս որ ամէն մէկուն իր ճամբաներուն համեմատ ու անոր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընելու համար՝ քու աչքերդ մարդոց որդիներուն բոլոր ճամբաներուն վրայ բաց են։ 20 Դուն մինչեւ այսօր Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Իսրայէլի մէջ եւ բոլոր մարդոց մէջ նշաններ ու հրաշքներ ընելով՝ քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։ 21 Քու ժողովուրդդ Իսրայէլը, նշաններով ու հրաշքներով եւ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ մեծ սարսափով Եգիպտոսէն հանեցիր 22 Ու անոնց տուիր այս երկիրը, որ իրենց հայրերուն երդում ըրեր էիր իրենց տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։ 23 Անոնք մտան ու զանիկա ժառանգեցին, բայց քու ձայնիդ ականջ չտուին եւ քու օրէնքիդ համեմատ չքալեցին. անոնք չըրին քու պատուիրածներդ, ուստի այս բոլոր չարիքը անոնց վրայ բերիր։ 24 Ահա քաղաքին դէմ պատնէշներ կանգնուեցան, որպէս զի զանիկա առնեն եւ քաղաքը սուրին, սովին ու ժանտախտին պատճառով, անոր դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուեցաւ եւ քու ըսածդ կատարուեցաւ ու ահա կը տեսնես։ 25 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ըսիր թէ ‘Ագարակը ստակով քեզի ծախու ա՛ռ ու վկաներ բռնէ՛. թէեւ քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը կը մատնուի’»։
26 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 27 «Ահա ես եմ Եհովա՝ ամէն մարմնի Աստուածը. միթէ ինծի դժուար բան մը կա՞յ։ 28 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա պիտի առնէ. 29 Այս քաղաքին դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիները պիտի գան ու այս քաղաքը կրակի պիտի տան ու այրեն։ Նաեւ պիտի այրեն այն տուները, որոնց տանիքներուն վրայ Բահաղի խունկ կը ծխէին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէին՝ զիս բարկացնելու համար։ 30 Քանզի Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները իրենց մանկութենէն ի վեր իմ առջեւս միայն չարութիւն գործեցին եւ որովհետեւ Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերուն գործերովը անդադար զիս բարկացուցին’, կ’ըսէ Տէրը։ 31 Քանզի այս քաղաքը իր շինութեան օրէն մինչեւ այսօր իմ բարկութեանս ու սրտմտութեանս համար եղաւ, որպէս զի զանիկա երեսիս առջեւէն վերցնեմ, 32 Իսրայէլի որդիներուն ու Յուդայի որդիներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց թագաւորներուն, իշխաններուն, քահանաներուն ու մարգարէներուն եւ Յուդայի մարդոցն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն բոլոր չարութեանը պատճառով, որ ըրին զիս բարկացնելու համար։ 33 Եւ ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես։ Թէեւ անոնց սորվեցուցի՝ կանուխ ելլելով ու սորվեցնելով՝ բայց անոնք մտիկ չըրին, որ խրատ ընդունին. 34 Հապա իմ անունովս կոչուած տանը մէջ իրենց պղծութիւնները դրին, զանիկա պղծելու համար։ 35 Ու Ենովմի որդիին ձորին մէջ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, իրենց տղաքներն ու աղջիկները Մողոքին համար կրակէ անցընելու, որ ես անոնց հրամայած չէի ու մտքէս ալ անցած չէր, որ անոնք այս պղծութիւնը ընեն՝ Յուդային մեղանչել տալու համար»։
ՅՈՅՍԻ ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ
36 «Ուստի հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ այս քաղաքին համար, որ դուք կ’ըսէք թէ ‘սուրով, սովով ու ժանտախտով Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը կը մատնուի’. 37 Ահա ես զանոնք պիտի հաւաքեմ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք իմ բարկութիւնովս, սրտմտութիւնովս ու մեծ ցասումովս ցրուեցի եւ զանոնք այս տեղ պիտի դարձնեմ ու ապահովութեամբ պիտի բնակեցնեմ։ 38 Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ 39 Անոնց մէկ սիրտ ու մէկ ճամբայ պիտի տամ, որպէս զի միշտ ինձմէ վախնան եւ իրենց ու իրենցմէ ետքը իրենց զաւակներուն աղէկ ըլլայ։ 40 Անոնց հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ, որ անոնց բարիք ընելէն անոնցմէ ետ չքաշուիմ ու իմ վախս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէս զի ինձմէ չխոտորին։ 41 Անոնց բարիք ընելով՝ անոնց համար պիտի ուրախանամ ու զանոնք բոլոր սրտովս ու բոլոր հոգիովս ու ճշմարտութեամբ այս երկրին մէջ պիտի տնկեմ։ 42 Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս այս ժողովուրդին վրայ այս բոլոր մեծ չարիքը բերի, նոյնպէս անոնց վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր բարիքը, որ անոնց խոստացայ։ 43 Նորէն ագարակներ ծախու պիտի առնուին այդ երկրին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Ամայացած է ու մարդէ եւ անասունէ զուրկ է ու Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուած է’։ 44 Բենիամինին երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու լեռնային քաղաքներուն մէջ եւ դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ ստակով ագարակներ ծախու պիտի առնեն եւ մուրհակներ պիտի գրեն ու պիտի կնքեն ու վկաներ պիտի բռնեն, վասն զի զանոնք գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ»։
ՅՈՅՍԻ ՈՒՐԻՇ ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ
33 1 Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Երեմիային եղաւ, երբ անիկա տակաւին բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր. 2 «Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, այս քաղաքը շինող Տէրը, որ զանիկա հաստատելու համար զանիկա ստեղծեց, որուն անունը Եհովա է. 3 Ինծի կանչէ՛ ու քեզի պատասխան տամ եւ քեզի մեծ ու խորհրդաւոր բաներ պատմեմ, որոնք դուն չես գիտեր։ 4 Վասն զի այս քաղաքին ու Յուդայի թագաւորներուն տուներուն համար, որոնց պատնէշներն ու ամրոցները փլած են, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 5 Քաղդէացիներուն դէմ պատերազմ ընելու կու գան։ Այն տուները մեռած մարդոց դիակներովը պիտի լեցուին, որոնք իմ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի զարնեմ. վասն զի այս քաղաքէն իմ երեսս ծածկեցի՝ իրենց բոլոր չարութեանը համար։ 6 Ահա անոր առողջութիւն ու բժշկութիւն պիտի բերեմ ու զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ։ 7 Յուդան գերութենէ ու Իսրայէլը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք առաջուան պէս պիտի հաստատեմ։ 8 Անոնց ինծի դէմ գործած բոլոր անօրէնութենէն զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնց ինծի դէմ ըրած բոլոր անօրէնութիւններն ու յանցանքները պիտի ներեմ։ 9 Ասիկա ինծի ուրախութեան անուն, փառք ու պարծանք պիտի ըլլայ երկրի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնք պիտի լսեն այն բարութիւնները, որ ես անոնց պիտի ընեմ եւ պիտի վախնան ու դողան այն բարութեան ու յաջողութեանը համար, որ ես այս քաղաքին պիտի ընեմ»։
10 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է’ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, որոնք անմարդ ու անբնակ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ ամայացած են, նորէն պիտի լսուի 11 Ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն. նաեւ անոնց ձայնը, որոնք Տէրոջը տունը գոհութեան ընծաներ բերելով՝ կ’ըսեն. ‘Գոհացէ՛ք զօրքերու Տէրոջմէն, վասն զի Տէրը բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’. քանզի այս երկրին գերիները իրենց առաջուան վիճակին պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ 12 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որ մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ նորէն հօտեր պառկեցնող հովիւներու բնակարաններ պիտի ըլլան. 13 Լեռնային քաղաքներուն մէջ, դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ եւ Բենիամինի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ հօտերը դարձեալ զիրենք համրողին ձեռքէն պիտի անցնին», կ’ըսէ Տէրը։
14 «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ Իսրայէլի տանը համար եւ Յուդայի տանը ըրած խոստումս պիտի կատարեմ։ 15 Այն օրը ու այն ժամանակը Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի բուսցնեմ եւ անիկա երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։ 16 Այն օրերը Յուդան պիտի ազատի ու Երուսաղէմը ապահովութեամբ պիտի բնակի եւ այս է անոր անունը որով պիտի կոչուի. ‘Տէրը Մեր Արդարութիւնը’։ 17 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դաւիթէն Իսրայէլի տանը աթոռին վրայ նստող մարդ պակաս պիտի չըլլայ 18 Ու Ղեւտացի քահանաներէն ողջակէզ, հացի ընծայ ու զոհ մատուցանող մարդ յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ իմ առջեւս»։
19 Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 20 «Եթէ ցորեկուան ուխտս ու գիշերուան ուխտս կրնաք աւրել, որ ցորեկը եւ գիշերը իրենց ժամանակովը չըլլան, 21 Իմ ծառայիս Դաւիթին հետ ունեցած ուխտս ալ պիտի աւրուի, որ իր աթոռին վրայ թագաւորութիւն ընելու որդի չունենայ. նոյնպէս ալ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացի քահանաներուն հետ ունեցած ուխտս։ 22 Ինչպէս երկնքի զօրքերը չեն համրուիր ու ծովուն աւազը չի չափուիր, իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդը եւ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները այնքան պիտի շատցնեմ»։
23 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 24 «Չե՞ս լսեր թէ այս ժողովուրդը ի՛նչ կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իր ընտրած երկու ազգատոհմերը երեսէ ձգեց ու անոնք իմ ժողովուրդս կ’անարգեն, զանիկա իրենց առջեւ ազգ չսեպելու չափ’։ 25 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ցորեկուան ու գիշերուան համար ուխտ ըրած չեմ եւ երկինքներուն ու երկրի կանոններ դրած չեմ, 26 Յակոբին ու իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդն ալ երեսէ պիտի ձգեմ, որպէս զի ա՛լ անոր սերունդէն Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի սերունդին վրայ իշխաններ չդնեմ. վասն զի անոնք գերութենէ պիտի դարձնեմ ու անոնց պիտի ողորմիմ’»։
ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՍԵԴԵԿԻԱՅԻՆ
34 1 Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովն ու իր իշխանութեան տակ եղող երկրին բոլոր թագաւորութիւններովը եւ բոլոր ժողովուրդներով Երուսաղէմի վրայ ու անոր բոլոր քաղաքներուն դէմ պատերազմ կ’ընէր, Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ.
2 Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսէ՛ ու անոր ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա կրակով այրէ։ 3 Դուն անոր ձեռքէն պիտի չազատիս, անշուշտ պիտի բռնուիս ու անոր ձեռքը պիտի տրուիս. քու աչքերդ Բաբելոնի թագաւորին աչքերը պիտի տեսնեն ու անոր բերանը քու բերնիդ հետ պիտի խօսակցի ու Բաբելոն պիտի երթաս’։ 4 Բայց Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, ո՛վ Սեդեկիա՝ Յուդայի թագաւոր՝ Տէրը քեզի համար այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն սուրով պիտի չմեռնիս, 5 Դուն խաղաղութեամբ պիտի մեռնիս. ինչպէս քեզմէ առաջ եղող քու հայրերուդ, առաջուան թագաւորներուն համար խունկեր ծխեցին, նոյնպէս քեզի համար պիտի ծխեն ու «Վա՜յ, տէր իմ» ըսելով՝ քու վրադ պիտի ողբան, վասն զի այս խօսքը ես խօսեցայ’, կ’ըսէ Տէրը։
6 Յետոյ Երեմիա մարգարէն այս բոլոր խօսքերը Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսեցաւ Երուսաղէմի մէջ։ 7 Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմի դէմ ու Յուդայի մնացած բոլոր քաղաքներուն դէմ, Լաքիսի ու Ազեկայի դէմ, պատերազմ կ’ընէր, վասն զի Յուդայի քաղաքներէն պարսպապատ քաղաքներ ասոնք մնացեր էին։
ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ԽԱԲԵՊԱՏԻՐ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ
8 Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող բոլոր ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ, որ ազատութիւն քարոզեն, 9 Որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը, Եբրայեցի մարդն ու Եբրայեցի կինը, ազատ արձակէ ու անգամ մըն ալ մարդ մը իր Հրեայ եղբայրը ծառայ չընէ։ 10 Հնազանդեցան բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը, որոնք այն ուխտին մէջ մտան, որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը ազատ արձակէ եւ ա՛լ անոնք ծառայ չըլլան։ Հնազանդեցան եւ զանոնք արձակեցին. 11 Բայց անկէ ետքը դարձան ու իրենց ազատ արձակած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցին եւ զանոնք բռնադատեցին որ ծառայ ու աղախին ըլլան։
12 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 13 «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեր հայրերուն հետ ուխտ ըրի զանոնք Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ հանած օրս ու ըսի. 14 Եօթը տարիէն ետքը ձեզմէ ամէն մէկը ազատ պիտի արձակէ իր Եբրայեցի եղբայրը, որ իրեն ծախուած է ու վեց տարի իրեն ծառայեր է, զանիկա ազատ արձակէ. բայց ձեր հայրերը ինծի մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին։ 15 Թէեւ դուք ատեն մը դարձաք ու ամէն մարդ իր ընկերին ազատութիւն քարոզելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ըրիք եւ իմ առջեւս ուխտ ըրիք այն տանը մէջ, որ իմ անունովս կոչուած է. 16 Բայց ետքը դառնալով՝ իմ անունս պղծեցիք ու ամէնքդ ալ ձեր ազատ արձակած ու իրենց կամքին ձգուած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցիք ու զանոնք բռնադատեցիք որ ձեզի ծառայ ու աղախին ըլլան’»։
17 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դուք ինծի մտիկ չըրիք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը համար ու ամէն մէկը իր ընկերին համար ազատութիւն չքարոզեց, ուստի ես ձեզի համար կ’ըսէ Տէրը, սուրին, ժանտախտին ու սովին ազատութիւն պիտի տամ ու ձեզ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան պիտի մատնեմ։ 18 Այն մարդիկը, որոնք զուարակը երկուքի կտրելով ու անոր կտորներուն մէջտեղէն անցնելով՝ իմ առջեւս ըրած ուխտերը չկատարեցին եւ իմ ուխտս զանց ըրին, պիտի մատնեմ, 19 Այսինքն Յուդայի իշխաններն ու Երուսաղէմի իշխանները, պալատականները եւ քահանաները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը, որոնք զուարակին կտորներուն մէջտեղէն անցան, 20 Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ եւ անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան։ 21 Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու անոր իշխանները իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը եւ ձեզմէ դարձող Բաբելոնի թագաւորին զօրքերուն ձեռքը պիտի մատնեմ»։ 22 «Ահա ես հրամայեցի, կ’ըսէ Տէրը ու անոնք այս քաղաքը պիտի գան, անոր դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն ու կրակով այրեն. այսպէս Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի վերածեմ»։
ԵՐԵՄԻԱ ԵՒ ՌԵՔԱԲԵԱՆՆԵՐԸ
35 1 Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ. 2 «Ռեքաբեաններուն տունը գնա՛ ու անոնց հետ խօսէ՛ եւ զանոնք Տէրոջը տունը՝ սենեակ մը տա՛ր ու անոնց գինի խմցո՛ւր»։ 3 Ես ալ Քաբասինիային որդիին Երեմիային որդին Յեզոնիան ու անոր եղբայրները եւ բոլոր որդիները ու Ռեքաբեաններուն բոլոր տունը առի 4 Եւ զանոնք Տէրոջը տունը տարի Սեղղումին որդիին Մաասիա դռնապանին սենեակին վրայ եղող իշխաններուն սենեակին քովի՝ Աստուծոյ մարդուն Յեգդողիային որդիին Անանին որդիներուն սենեակը. 5 Ռեքաբեաններուն որդիներուն առջեւ գինիով լեցուն ամաններ ու գաւաթներ դրի եւ անոնց ըսի. «Գինի խմեցէ՛ք»։ 6 Ու անոնք ըսին. «Գինի չենք խմեր. քանզի մեր հայրը, Ռեքաբին որդին Յովնադաբը, մեզի պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Դուք ու ձեր որդիները յաւիտեան գինի պիտի չխմէք 7 Եւ տուն մի՛ շինէք ու մի՛ ցանէք եւ այգի մի՛ տնկէք ու մի՛ ստանաք, հապա ձեր բոլոր օրերը վրաններու մէջ բնակեցէ՛ք, որպէս զի ձեր պանդուխտ եղած երկրին վրայ շատ օրեր ապրիք’։ 8 Մեր հօրը Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին մեզի հրամայածին պէս անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ մեր բոլոր օրերուն մէջ մենք, մեր կիները, մեր տղաքներն ու մեր աղջիկները գինի չենք խմեր, 9 Բնակելու համար տուներ չենք շիներ ու այգի եւ ագարակ ու սերմ չենք ստանար. 10 Հապա վրաններու մէջ կը բնակինք ու հնազանդութիւն ընելով՝ մեր հօրը Յովնադաբին մեզի հրամայածը կը գործադրենք։ 11 Բայց երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը այս երկիրը եկաւ, ըսինք. ‘Եկէք, Քաղդէացիներուն զօրքին երեսէն ու Ասորիներու զօրքին երեսէն Երուսաղէմ երթանք’. այսպէս Երուսաղէմի մէջ կը բնակինք»։
12 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 13 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛ Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսէ՝ ‘Իմ խօսքերուս մտիկ ընելու համար խրատ չէ՞ք ընդունիր’։ 14 Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին իր որդիներուն գինի չխմելու համար պատուիրած խօսքերը հաստատ պահուեցան. վասն զի իրենց հօրը հրամանին հնազանդութիւն ընելով՝ մինչեւ այսօր չեն խմեր, բայց թէեւ ես ձեզի խօսեցայ, կանուխ ելլելով, սակայն դուք ինծի մտիկ չըրիք։ 15 Եւ իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի՝ կանուխ ելլելով ու ըսի՝ ‘Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն թող դառնայ։ Բարի գործեր ըրէք ու օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք ու անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք, որպէս զի ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ բնակիք’, բայց ձեր ականջը չծռեցիք ու ինծի մտիկ չըրիք։ 16 Մինչ Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին որդիները իրենց հօրը պատուիրած հրամանը հաստատ պահեցին, բայց այս ժողովուրդը ինծի մտիկ չըրաւ»։ 17 Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքը, որ անոնց համար որոշեր էի. վասն զի անոնց խօսեցայ, բայց մտիկ չըրին ու անոնց կանչեցի, բայց պատասխան չտուին»։
18 Երեմիա Ռեքաբեաններուն տանը ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր հօրը Յովնադաբին պատուէրին մտիկ ըրիք ու անոր բոլոր հրամանները պահեցիք եւ ձեզի պատուիրածին պէս ըրիք, 19 Ուստի Ռեքաբեան Յովնադաբէն միշտ իմ առջեւս կայնող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’»։
ԲԱՐՈՒՔ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՏՈՄՍԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ
36 1 Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. 2 «Քեզի գրքի տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛ այն բոլոր խօսքերը, որոնք քեզի հետ խօսելու սկսած օրէս Յովսիային օրերէն մինչեւ այսօր Իսրայէլի վրայով ու Յուդայի վրայով եւ բոլոր ազգերուն վրայով խօսեցայ։ 3 Կարելի է, որ Յուդայի տունը լսէ այն բոլոր չարիքը, որ ես մտադրած եմ անոնց ընել, որպէս զի ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ եւ ես անոնց անօրէնութիւնն ու մեղքը ներեմ»։
4 Երեմիա Ներիային որդին Բարուքը կանչեց։ Բարուք Երեմիային բերնէն Տէրոջը անոր ըսած բոլոր խօսքերը այն գրքի տոմսին վրայ գրեց։ 5 Երեմիա Բարուքին պատուիրեց ու ըսաւ. «Ես այս տեղ արգելափակուած եմ, չեմ կրնար Տէրոջը տունը երթալ, 6 Ուստի դուն գնա՛ ու ծոմապահութեան օրը Տէրոջը տանը մէջ ժողովուրդին ականջներուն տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը խօսքերը կարդա՛, նաեւ իրենց քաղաքներէն եկող բոլոր Յուդայի ականջներուն կարդա՛, 7 Թերեւս Տէրոջը առջեւ իյնալով աղօթք ընեն եւ ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ. քանզի մեծ է այն բարկութիւնն ու սրտմտութիւնը, որ Տէրը այս ժողովուրդին համար վճռեց»։ 8 Ու Ներիային որդին Բարուքը Երեմիա մարգարէին հրամայածին պէս ըրաւ եւ այն տոմսէն Տէրոջը խօսքերը կարդաց Տէրոջը տանը մէջ։
9 Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին հինգերորդ տարուան իններորդ ամիսը, բոլոր Երուսաղէմի ժողովուրդին ու Յուդայի քաղաքներէն Երուսաղէմ եկող բոլոր ժողովուրդին, Տէրոջը առջեւ ծոմապահութիւն քարոզեցին։ 10 Բարուք Սափան դպիրին որդիին Գամարիային սենեակը, Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը, վերի գաւիթին մէջ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսէն Երեմիային խօսքերը կարդաց։
ՏՈՄՍԸ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԱՐՈՒՆ ԿԸ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ
11 Սափանին որդիին Գամարիային որդին Միքան, երբ տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը բոլոր խօսքերը լսեց, 12 Թագաւորին տունը դպիրին սենեակը իջաւ։ Բոլոր իշխանները, Եղիսամա դպիրը, Սեմայիային որդին Դաղայիան ու Աքոբորին որդին Եղնաթանը եւ Սափանին որդին Գամարիան ու Անանիային որդին Սեդեկիան եւ բոլոր իշխանները հոն նստեր էին։ 13 Միքիան անոնց յայտնեց այն բոլոր խօսքերը, որոնք լսեր էր, երբ Բարուք ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսը կը կարդար։ 14 Բոլոր իշխանները Քուսիին որդիին Սեղեմիային որդիին Նաթանիային որդին Յուդինը Բարուքին ղրկեցին՝ ըսելով. «Ժողովուրդին ականջներուն կարդացած տոմսդ ա՛ռ ու հոս եկուր»։ Ուստի Ներիային որդին Բարուքը տոմսը առաւ ու անոնց գնաց։ 15 Անոնք ըսին իրեն. «Կ’աղաչենք, նստէ՛ ու մեր առջեւ ալ կարդա՛ զանիկա»։ Բարուք անոնց առջեւ կարդաց։ 16 Երբ այն բոլոր խօսքերը լսեցին, վախով իրարու նայեցան ու Բարուքին ըսին. «Անշուշտ այդ բոլոր խօսքերը թագաւորին պիտի պատմենք»։ 17 Բարուքին հարցուցին. «Շնորհք ըրէ՛, պատմէ՛ մեզի թէ ի՛նչպէս գրեցիր այդ խօսքերը անոր բերնէն»։ 18 Բարուք անոնց ըսաւ. «Այս խօսքերը անիկա ինծի իր բերնովը ըսաւ ու ես զանոնք մելանով այս տոմսին վրայ գրեցի»։ 19 Այն ատեն իշխանները Բարուքին ըսին. «Գնա՛, պահուըտեցէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ Երեմիան եւ ուր ըլլալնիդ մարդ թող չգիտնայ»։
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՏՈՄՍԸ ԿԸ ՎԱՌԷ
20 Անոնք սրահը թագաւորին մտան, բայց տոմսը Եղիսամա դպիրին սենեակին մէջ պահեր էին։ Այս բոլոր խօսքերը թագաւորին ալ պատմեցին։ 21 Թագաւորը Յուդին ղրկեց, որ այն տոմսը բերէ։ Ան ալ զանիկա Եղիսամա դպիրին սենեակէն առաւ եւ թագաւորին ու թագաւորին քով կայնող բոլոր իշխաններուն առջեւ կարդաց։ 22 Իններորդ ամիսը ըլլալով՝ թագաւորը ձմեռնատանը մէջ նստած էր ու առջեւը վառուած կրակարան մը կար։ 23 Երբ Յուդին երեք կամ չորս երես կարդաց, զանիկա զմելիով կտրեց ու կրակարանին կրակին մէջ նետեց, մինչեւ որ բոլոր տոմսը կրակարանին կրակին մէջ սպառեցաւ։ 24 Թագաւորն ու անոր բոլոր ծառաները, որոնք այս բոլոր խօսքերը կը լսէին, չվախցան, ո՛չ ալ հանդերձնին պատռեցին. 25 Եւ Եղնաթանը, Դաղայիան ու Գամարիան թագաւորին աղաչեցին, որ տոմսը չայրէ, բայց անոնց մտիկ չըրաւ։ 26 Եւ թագաւորը՝ իր որդիին Յերամէլին ու Եզրիէլի որդիին Սարայիային ու Աբդիէլին որդիին Սեղեմիային հրամայեց, որ Բարուք դպիրն ու Երեմիա մարգարէն բռնեն. բայց Տէրը զանոնք պահեց։
ԵՐԵՄԻԱ ՈՒՐԻՇ ՏՈՄՍ ՄԸ ԿԸ ԳՐԷ
27 Թագաւորը այն տոմսը ու Երեմիային բերնէն Բարուքին գրած խօսքերը այրելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. 28 «Նորէն գնա՛, քեզի ուրիշ տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ առաջուան խօսքերը, որոնք Յուդայի Յովակիմ թագաւորին այրած տոմսին մէջ կային։ 29 Եւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն այդ տոմսը այրեցիր, ըսելով թէ «Ինչո՞ւ համար անոր վրայ գրեցիր թէ Բաբելոնի թագաւորը անպատճառ պիտի գայ ու այս երկիրը պիտի աւերէ եւ անկէ մարդն ու անասունը պիտի վերցնէ»’»։
30 Անոր համար Տէրը Յուդայի Յովակիմ թագաւորին վրայով այսպէս կ’ըսէ. «Անիկա Դաւիթին աթոռին վրայ նստող մարդ պիտի չունենայ եւ անոր մեռելը ցորեկը տաքի մէջ ու գիշերը ցուրտի մէջ պիտի ձգուի։ 31 Զինք եւ իր սերունդը ու իր ծառաները պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար եւ անոնց վրայ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ ու Յուդայի մարդոցը վրայ պիտի բերեմ այն չարիքը, որ անոնց յայտնեցի, բայց անոնք մտիկ չըրին»։
32 Երեմիա ուրիշ տոմս մը առաւ ու զանիկա Ներիայի որդիին Բարուք դպիրին տուաւ։ Անիկա ալ անոր վրայ Երեմիային բերնէն՝ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին կրակով այրած գրքին բոլոր խօսքերը գրեց ու անոնց վրայ անոնց պէս ուրիշ շատ խօսքեր աւելցան։
ՍԵԴԵԿԻԱՅԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ
37 1 Յովսիային որդին Սեդեկիա թագաւորը Յովակիմին որդիին Յեքոնիային տեղ թագաւորեց, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Յուդայի վրայ թագաւոր դրաւ. 2 Բայց անիկա ու իր ծառաները ու երկրին ժողովուրդը Տէրոջը Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսած խօսքերուն մտիկ չըրին։
3 Սեդեկիա թագաւորը Սեղեմիային որդին Յուքաղը ու Մաասիային որդին Սոփոնիա քահանան Երեմիա մարգարէին ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛»։ 4 Այն ժամանակ Երեմիան ժողովուրդին մէջ կը մտնէր կ’ելլէր ու զանիկա տակաւին բանտը դրած չէին։ 5 Եգիպտոսէն Փարաւոնին զօրքը եկաւ ու Երուսաղէմը պաշարող Քաղդէացիները երբ այդ լուրը լսեցին, Երուսաղէմէն քաշուեցան։
6 Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. 7 Ինծի հարցնելու համար ձեզ ինծի ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. ‘Ահա ձեզի օգնութեան համար եկող Փարաւոնին զօրքը իր երկիրը՝ Եգիպտոս պիտի դառնայ 8 Ու Քաղդէացիները պիտի դառնան եւ այս քաղաքին դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն եւ կրակով այրեն’։ 9 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ խաբէք ձեր անձերը՝ ըսելով թէ «Քաղդէացիները անշուշտ մեզմէ պիտի երթան», վասն զի պիտի չերթան. 10 Քանզի թէեւ ձեզի հետ պատերազմ ընող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքը զարնէք եւ անոնցմէ միայն մէկ քանի վիրաւորուած մարդիկ մնան, նորէն անոնց ամէն մէկը իր վրանէն ելլելով՝ այս քաղաքը կրակով պիտի այրեն’»։
ԵՐԵՄԻԱՆ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ ՈՒ ԿԸ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒ
11 Ու երբ Քաղդէացիներուն զօրքը Փարաւոնին զօրքին պատճառով Երուսաղէմին վրայէն քաշուեցան, 12 Երեմիա Երուսաղէմէն ելաւ, որ Բենիամինին երկիրը երթայ ու անկէ ժողովուրդին մէջ իր բաժինը առնէ։ 13 Երբ անիկա Բենիամինին դուռն էր, հոն Անանիային որդիին Սեղեմիային որդին, Յերիա անունով ոստիկան մը կար։ Անիկա Երեմիա մարգարէն բռնեց ու ըսաւ. «Դուն Քաղդէացիներուն կողմը կ’անցնիս»։ 14 Ու Երեմիա ըսաւ. ‘Սուտ է, ես Քաղդէացիներու կողմը չեմ անցնիր’։ Բայց ոստիկանը անոր մտիկ չըրաւ ու բռնեց Երեմիան ու զանիկա իշխաններուն տարաւ։ 15 Իշխանները Երեմիային սրդողեցան ու զանիկա ծեծեցին եւ բանտարկեցին Յովնաթան դպիրին տանը մէջ. վասն զի այն տունը բանտ ըրեր էին։
16 Երեմիան բանտը ու խուցերուն մէջ մտաւ ու հոն երկար ատեն նստաւ։ 17 Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց, զանիկա առաւ։ Թագաւորը իր տանը մէջ գաղտուկ անոր հարցուց ու ըսաւ. «Արդեօք Տէրոջմէ խօսք մը կա՞յ»։ Երեմիա ըսաւ. «Կայ». նաեւ ըսաւ. «Դուն Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուիս»։ 18 Երեմիա ըսաւ Սեդեկիա թագաւորին. «Քեզի կամ ծառաներուդ կամ այս ժողովուրդին դէմ ի՞նչ մեղք գործեցի, որ զիս բանտը դրիք։ 19 Ո՞ւր են ձեր մարգարէները, որոնք ձեզի մարգարէութիւն ըրին ու ըսին. ‘Բաբելոնի թագաւորը ձեր վրայ ու այս երկրին վրայ պիտի չգայ’։ 20 Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մտի՛կ ըրէ, թող իմ աղաչանքս քու առջեւդ ընդունելի ըլլայ ու զիս նորէն Յովնաթան դպիրին տունը մի՛ ղրկեր, որ հոն չմեռնիմ»։ 21 Սեդեկիա թագաւորը հրամայեց ու Երեմիան բանտին գաւիթը դրին ու ամէն օր հացագործներուն փողոցէն մէկմէկ նկանակ հաց կու տային անոր, մինչեւ որ քաղաքին հացը բոլորովին հատաւ։ Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ կը նստէր։
ԵՐԵՄԻԱՆ ՉՈՐ ՋՐՀՈՐԻ ՄԸ ՄԷՋ
38 1 Մատթանին որդին Սափատիան ու Փասուրին որդին Գոդողիան եւ Սեղեմիային որդին Յուքազն ու Մեղքիային որդին Փասուրը Երեմիային բոլոր ժողովուրդին հետ խօսած խօսքերը լսեցին, որ ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. 2 «Այս քաղաքին մէջ կեցողը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ Քաղդէացիներուն հետ ելլողը ողջ պիտի մնայ եւ անոր կեանքը իրեն աւարի մը պէս պիտի ըլլայ ու պիտի ապրի»։ 3 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս քաղաքը անպատճառ Բաբելոնի թագաւորին զօրքին ձեռքը պիտի տրուի, որը զանիկա պիտի առնէ»։ 4 Իշխանները թագաւորին ըսին. «Կ’աղաչենք, թող այս մարդը մեռցուի, վասն զի այս քաղաքին մէջ մնացած պատերազմիկներուն ձեռքերն ու բոլոր ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէ՝ անոնց այսպիսի խօսքեր ըսելով. վասն զի այս մարդը այս ժողովուրդին խաղաղութիւնը չի փնտռեր, հապա անոր չարիքը»։ 5 Սեդեկիա թագաւորը ըսաւ. «Ահա անիկա ձեր ձեռքն է, որովհետեւ թագաւորը ձեզի հակառակ բան մը չի կրնար ընել»։ 6 Երեմիան առին եւ զանիկա թագաւորին որդիին Մեղքիային գուբը նետեցին, որ բանտին գաւիթին մէջ էր։ Երեմիան չուաններով իջեցուցին։ Այն գուբին մէջ ջուր չկար, հապա միայն տիղմ, որով Երեմիա տիղմին մէջ կ’ընկղմէր։
7 Թագաւորին տունը եղող Եթովպիացի ներքինին Աբդեմելէք լսեց, որ Երեմիան գուբը ձգեցին։ Երբ թագաւորը Բենիամինին դուռը կը նստէր, 8 Աբդեմելէք թագաւորին տունէն ելաւ ու թագաւորին խօսեցաւ ու ըսաւ. 9 «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, այս մարդիկը սխալ ըրին Երեմիա մարգարէն գուբը նետելով. քանզի քաղաքին մէջ ա՛լ հաց չգտնուելուն համար՝ անիկա հոն անօթութենէն պիտի մեռնի»։ 10 Թագաւորը Եթովպիացի Աբդեմելէքին հրամայեց ու ըսաւ. «Ասկէ քեզի հետ երեսուն մարդ ա՛ռ ու Երեմիա մարգարէն գուբէն հանէ, քանի որ մեռած չէ»։ 11 Աբդեմելէքը իրեն հետ մարդիկ առաւ ու թագաւորին տունը՝ շտեմարանին տակ գնաց եւ անկէ պատռած լաթեր ու հին լաթեր առաւ եւ զանոնք չուաններով գուբը Երեմիային իջեցուց։ 12 Եթովպիացի Աբդեմելէք Երեմիային ըսաւ. «Այս պատռած ու հին լաթերը թեւերուդ տակ չուաններուն տակը դիր»։ Երեմիան այնպէս ըրաւ։ 13 Ու Երեմիան չուաններով քաշեցին եւ զանիկա գուբէն դուրս հանեցին ու Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ նստաւ։
ՍԵԴԵԿԻԱՆ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ
14 Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց ու Երեմիա մարգարէն իր քով առաւ Տէրոջը տանը երրորդ մուտքը եւ Երեմիային ըսաւ. «Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ, ինձմէ բան մի՛ պահեր»։ 15 Երեմիան ըսաւ Սեդեկիային. «Եթէ քեզի պատմեմ, զիս անշուշտ պիտի մեռցնես եւ եթէ քեզի խրատ տամ, ինծի մտիկ պիտի չընես»։ 16 Բայց Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային գաղտուկ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Մեզ ստեղծող Տէրը կենդանի է, որ քեզ պիտի չմեռցնեմ եւ քեզ պիտի չմատնեմ այս մարդոց ձեռքը, որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն»։ 17 Այն ատեն Երեմիան Սեդեկիային ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն յանձնուիս, քու հոգիդ ողջ պիտի մնայ եւ քաղաքը կրակով պիտի չայրի եւ դուն ու քու տունդ ողջ պիտի մնաք. 18 Բայց եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն չյանձնուիս, այն ատեն այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի տրուի, որոնք զանիկա կրակով պիտի այրեն եւ դուն անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս’»։ 19 Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային ըսաւ. «Քաղդէացիներուն կողմը անցած Հրեաներէն կը վախնամ. չըլլայ որ զիս անոնց ձեռքը տան ու ինծի հետ անարգանքով վարուին»։ 20 Երեմիան ըսաւ. «Պիտի չտան. կ’աղաչեմ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, որ քեզի ըսի, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու քու անձդ ապրի, 21 Բայց եթէ ելլել չուզես, Տէրոջը ինծի ցուցուցած տեսիլքն այս է. 22 ‘Ահա Յուդայի թագաւորին տունը մնացած բոլոր կիները Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն պիտի տարուին ու այն կիները պիտի ըսեն. «Քու բարեկամներդ քեզ հրապուրեցին ու քեզի յաղթեցին ու ոտքերդ տիղմի մէջ ընկղմելուն պէս՝ անոնք ետ քաշուեցան»։ 23 Քու բոլոր կիներդ ու տղաքներդ Քաղդէացիներուն պիտի հանեն. դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքով պիտի բռնուիս եւ դուն պատճառ պիտի ըլլաս, որ այս քաղաքը կրակով այրի’»։ 24 Ու Սեդեկիան ըսաւ Երեմիային. «Այս խօսքերը մարդ թող չիմանայ ու դուն պիտի չմեռնիս։ 25 Եւ եթէ իշխանները քեզի հետ խօսիլս լսեն ու քեզի գան ու քեզի ըսեն՝ ‘Թագաւորին հետ ի՞նչ խօսեցար, մեզի պատմէ. մեզմէ մի՛ պահեր, որ քեզ չմեռցնենք։ Թագաւորը քեզի հետ ի՞նչ խօսեցաւ’. 26 Այն ատեն անոնց ըսէ. «Ես թագաւորին առջեւ աղաչանք ըրի, որ զիս Յովնաթանին տունը չղրկէ, որ հոն մեռնիմ’»։ 27 Բոլոր իշխանները Երեմիային եկան ու անոր հարցուցին եւ անոնց պատմեց այն խօսքերուն համաձայն, որոնք թագաւորը պատուիրեր էր։ Անոնք խօսելէն դադարեցան. վասն զի բանը չյայտնուեցաւ։ 28 Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ մնաց, մինչեւ Երուսաղէմի առնուած օրը։ Երբ Երուսաղէմ առնուեցաւ, անիկա հոն էր։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
39 1 Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։ 2 Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարուան չորրորդ ամիսը, ամսուան իննին քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ։ 3 Եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր իշխանները, այսինքն Ներգեղսարասարը, Սամերգանաբաւ, Սարսեքիմ ներքինապետը, Ներգեղսարասար մոգպետը ու Բաբելոնի թագաւորին բոլոր մնացած իշխանները եկան միջին դուռը նստան։
4 Երբ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու բոլոր պատերազմիկները զանոնք տեսան, փախան ու քաղաքէն գիշերով թագաւորին պարտէզին ճամբովը երկու պարսպին մէջի դռնէն դուրս ելան։ 5 Քաղդէացիներուն զօրքը անոնց ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան եւ զանիկա բռնեցին ու Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղա՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առջեւ հանեցին, որ անոր դատը տեսաւ։ 6 Բաբելոնի թագաւորը Ռեբղայի մէջ Սեդեկիային տղաքը անոր աչքերուն առջեւ ու Յուդայի բոլոր ազնուականները մորթեց։ 7 Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց, որպէս զի Բաբելոն տանի։ 8 Քաղդէացիները կրակով այրեցին թագաւորին ու ժողովուրդին տուները ու Երուսաղէմի պարիսպները փլցուցին։ 9 Նաբուզարդան դահճապետը քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդը ու իր կողմը անցած փախստականները եւ ուրիշ մնացորդներ Բաբելոն գերի տարաւ։ 10 Նաբուզարդան դահճապետը Յուդայի երկրին մէջ թողուց ժողովուրդին աղքատները, որոնք բան մը չունէին եւ նոյն օրը անոնց այգիներ ու արտեր տուաւ։
ԵՐԵՄԻԱ ՎԵՐՍՏԻՆ Կ’ԱԶԱՏԻ
11 Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երեմիային համար Նաբուզարդան դահճապետին պատուիրեց ու ըսաւ. 12 «Զանիկա ա՛ռ եւ աչքդ անոր վրայ ըլլայ ու անոր ամենեւին չարիք մի՛ հասցներ եւ ինչ որ քեզի ըսէ՝ այնպէս ըրէ՛»։ 13 Նաբուզարդան դահճապետը ու Նաբուսազաբան ներքինապետը ու Ներգեղսարասար մոգպետը եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր նախարարները մարդ ղրկեցին 14 Ու Երեմիան բանտին գաւիթէն առին ու զանիկա Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային տուին, որպէս զի զանիկա տունը տանի։ Անիկա ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։
ԱԲԴԵՄԵԼԷՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՅՍ
15 Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային, երբ անիկա բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր, ըսելով. 16 «Գնա՛ Եթովպիացի Աբդեմելէքին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքին վրայով ըսած խօսքերս պիտի գործադրեմ՝ չարիքի եւ ոչ թէ բարիքի համար ու այն օրը քու աչքերուդ առջեւ պիտի կատարուին։ 17 Եւ այն օրը քեզ պիտի ազատեմ ու այն մարդոց ձեռքը պիտի չտրուիս, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս։ 18 Վասն զի քեզ անշուշտ պիտի ազատեմ ու սուրով պիտի չիյնաս եւ քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի ինծի ապաւինեցար’», կ’ըսէ Տէրը։
ԵՐԵՄԻԱ ԳՈԴՈՂԻԱՅԻՆ ՔՈՎ ԿԸ ՄՆԱՅ
40 1 Այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիային ըսաւ, Նաբուզարդան դահճապետին զանիկա Ռամայէն արձակելէն ետքը (երբ Բաբելոն տարուող Երուսաղէմի ու Յուդայի բոլոր գերիներուն մէջ զանիկա ալ շղթաներով կապած առեր էր)։
2 Դահճապետը Երեմիան առնելով՝ անոր ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ այս տեղին վրայ այս չարիքին մասին խօսած էր։ 3 Տէրը իր ըսածին պէս ըրաւ, քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ անոր ձայնին մտիկ չըրիք. ատոր համար այս բանը ձեզի եղաւ։ 4 Այսօր քու ձեռքերուդ շղթաները քակեցի. եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ առջեւ աղէկ է՝ եկո՛ւր ու իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ. բայց եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ գէշ կ’երեւնայ՝ մի՛ գար։ Ահա բոլոր երկիրը քու առջեւդ է, ուր որ քեզի աղէկ ու հաճոյ կ’երեւնայ՝ հո՛ն գնա։ 5 Ուստի կա՛մ Բաբելոնի թագաւորին Յուդայի քաղաքներուն վրայ դրած Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դեռ ետ չդարձած՝ անոր գնա՛ ու անոր հետ ժողովուրդին մէջ բնակէ՛ եւ կա՛մ ուր որ քեզի աղէկ կ’երեւնայ՝ հո՛ն գնա»։ Դահճապետը անոր պաշար ու պարգեւ տուաւ եւ զանիկա արձակեց։ 6 Երեմիան Մասփա գնաց Աքիկամին որդիին Գոդողիային եւ անոր հետ երկրին մէջ մնացած ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։
ԳՈԴՈՂԻԱ ՅՈՒԴԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ
(Դ. Թագ. 25։22-24)
7 Երբ դաշտը եղող բոլոր զօրավարները, իրենք ու իրենց մարդիկը լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Աքիկամին որդին Գոդողիան երկրին վրայ վերակացու դրաւ եւ Բաբելոն չքշուած մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու երկրին աղքատները անոր յանձնեց, 8 Մասփա եկան Գոդողիային, այսինքն Նաթանիային որդին Իսմայէլը ու Կարէին որդիները, Յօհանան ու Յովնաթան եւ Թանհումէթին որդին Սարայիան ու Նետոփաթացի Եփային որդիները ու Մաքաթիին որդին Յեզոնիան՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց մարդիկը։ 9 Եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց ու անոնց մարդոցը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիներու ծառայութիւն ընելէն մի՛ վախնաք. այս երկրին մէջ բնակեցէ՛ք եւ Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն ըրէ՛ք ու ձեզի աղէկ պիտի ըլլայ։ 10 Ես ահա Մասփայի մէջ կը բնակիմ, որպէս զի մեզի եկող Քաղդէացիներուն առջեւ կենամ ու դուք գինի եւ ամառնային պտուղ ու իւղ հաւաքեցէք ու ձեր ամաններուն մէջ դրէք եւ ձեռքերնուդ տակ եղած քաղաքներուն մէջ բնակեցէ՛ք»։ 11 Մովաբի, Ամմոնին որդիներուն, Եդովմի եւ այլ երկիրներու մէջ եղող բոլոր Հրեաներն ալ՝ երբ լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Հրէաստանի մէջ մնացորդ թողուցեր է ու անոնց վրայ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դրեր է, 12 Բոլորն ալ իրենց ցրուած տեղերէն դարձան ու Յուդայի երկիրը Մասփա՝ Գոդողիային եկան եւ խիստ շատ գինի ու ամառնային պտուղներ հաւաքեցին։
ԳՈԴՈՂԻԱՆ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ
(Դ. Թագ. 25։25-26)
13 Կարէին որդին Յօհանան ու դաշտը եղող բոլոր զօրավարները Մասփա եկան Գոդողիային 14 Ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս թէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Բաալիս՝ Նաթանիային որդին Իսմայէլը ղրկեց քեզ մեռցնելու համար»։ Բայց Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց չհաւատաց։ 15 Կարէին որդին Յօհանան Մասփայի մէջ Գոդողիային հետ գաղտուկ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Հիմա երթամ ու Նաթանիային որդին Իսմայէլը զարնեմ։ Թող մարդ չիմանայ։ Ինչո՞ւ անիկա քեզ մեռցնէ ու քովդ հաւաքուած բոլոր Հրեաները ցրուին եւ Յուդայի մնացորդը կորսուի»։ 16 Աքիկամի որդին Գոդողիան Կարէի որդիին Յօհանանին ըսաւ. «Այդ բանը մի՛ ըներ, վասն զի դուն Իսմայէլին մասին սուտ կը խօսիս»։
41 1 Եօթներորդ ամսուան մէջ թագաւորական սերունդէն եղող Եղիսամային որդիին Նաթանիային որդին Իսմայէլը թագաւորին նախարարներովը ու իրեն հետ տասը մարդ Մասփա եկաւ Աքիկամին որդիին Գոդողիային ու հոն մէկտեղ հաց կերան Մասփայի մէջ։ 2 Նաթանիային որդին Իսմայէլն ու իրեն հետ եղող տասը մարդը ելան եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան սուրով զարկին ու մեռցուցին զանիկա, որ Բաբելոնի թագաւորը երկրին վրայ վերակացու դրեր էր։ 3 Իսմայէլը Գոդողիային հետ Մասփայի մէջ եղող բոլոր Հրեաները եւ հոն գտնուած Քաղդէացի պատերազմիկները կոտորեց։
4 Գոդողիային սպաննուելուն հետեւեալ օրը՝ դեռ մարդ չիմացած՝ Սիւքէմէն, Սելովէն, 5 Սամարիայէն մօրուքնին ածիլած եւ հանդերձնին պատռած ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ ըրած ութսուն մարդ եկան։ Իրենց ձեռքը ընծաներ ու կնդրուկ ունէին՝ Տէրոջը տանը համար։ 6 Նաթանիային որդին Իսմայէլը Մասփայէն ելաւ զանոնք դիմաւորելու։ Անիկա գացած ատենը լալով կ’երթար։ Երբ անոնց հասաւ՝ անոնց ըսաւ. «Աքիկամին որդիին Գոդողիային եկէ՛ք»։ 7 Ու երբ անոնք քաղաքին մէջտեղը եկան, Նաթանիային որդին Իսմայէլը՝ իրենց հետ եղող մարդոցմով զանոնք մեռցուց ու փոսի մը մէջ նետեց։ 8 Անոնց մէջ տասը մարդ գտնուեցան, որոնք Իսմայէլին ըսին. «Մեզ մի՛ մեռցներ, վասն զի մենք դաշտը ցորենի, գարիի, իւղի ու մեղրի ծածուկ շտեմարաններ ունինք»։ Ուստի Իսմայէլ զանոնք իրեն եղբայրներուն հետ չմեռցուց։
9 Այն փոսը, որուն մէջ Իսմայէլ Գոդողիային պատճառով բոլոր մեռցուած մարդոց դիակները նետեց, այն փոսն էր, որ Ասա թագաւորը շիներ էր՝ Իսրայէլի Բաասա թագաւորին երեսէն վախնալուն համար. Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանիկա մեռելներով լեցուց։
10 Իսմայէլ Մասփայի մէջ եղող ժողովուրդին բոլոր մնացորդը գերի բռնեց, թագաւորին աղջիկները ու Մասփայի մէջ մնացած բոլոր ժողովուրդը, որոնց վրայ Նաբուզարդան դահճապետը Աքիկամին որդին Գոդողիան վերակացու դրեր էր։ Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանոնք գերի առնելով՝ գնաց Ամմոնին որդիներուն քով։
11 Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող բոլոր զօրավարները, երբ Նաթանիային որդիին Իսմայէլին ըրած չարութիւնը լսեցին, 12 Իրենց բոլոր մարդիկը առին ու Նաթանիային որդիին Իսմայէլին դէմ պատերազմելու գացին եւ զանիկա Գաբաւոնին ջուրերուն քով գտան։ 13 Իսմայէլին հետ եղող բոլոր ժողովուրդը, երբ Կարէին որդին Յօհանանն ու անոր հետ եղող զօրավարները տեսան, ուրախացան։ 14 Իսմայէլին Մասփայէն գերի քշած բոլոր ժողովուրդը երեսնին դարձուցին ու Կարէին որդիին Յօհանանին գացին։ 15 Բայց Նաթանիային որդին Իսմայէլը ութ մարդով Յօհանանին երեսէն փախաւ ու Ամմոնին որդիներուն քով գնաց։
16 Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող զօրավարները Նաթանիային որդիէն Իսմայէլէն ետ բերած ժողովուրդին բոլոր մնացորդը Մասփայէն առին՝ Աքիկամին որդիին Գոդողիային մեռցուելէն ետքը, այսինքն Գաբաւոնէն ետ բերած պատերազմող կտրիճներն ու կիները եւ տղաքներն ու ներքինիները 17 Ու գացին Բեթլեհէմի քով եղող Քամաամի պանդոկին մէջ նստան, որպէս զի երթան Եգիպտոս մտնեն Քաղդէացիներուն երեսէն, 18 Վասն զի վախցան. քանզի Նաթանիային որդին Իսմայէլը Բաբելոնի թագաւորին՝ երկրին վրայ դրած Աքիկամին որդին Գոդողիան մեռցուցեր էր։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄԱՐ ԵՐԵՄԻԱՅԷՆ ԱՂՕԹՔ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ
42 1 Բոլոր զօրավարները ու Կարէին որդին Յօհանան եւ Ովսիային որդին Յեզոնիան ու բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը, մօտեցան։ 2 Երեմիա մարգարէին ըսաւ. «Մեր խնդրանքները քու առջեւդ ընդունելի ըլլան ու մեզի համար, այսինքն այս բոլոր մնացորդներուն համար, քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ՛. վասն զի շատ քիչ մնացինք, ինչպէս աչքերդ մեզ կը տեսնեն 3 Եւ քու Տէր Աստուածդ մեր երթալու ճամբան ու մեր ընելիքը մեզի թող իմացնէ»։ 4 Երեմիա մարգարէն անոնց ըսաւ. «Լսեցի. ահա ձեր Տէր Աստուծոյն աղօթք կ’ընեմ ձեր խօսքերուն համաձայն եւ Տէրը ձեզի համար ինչ պատասխան որ տալու ըլլայ, ձեզի պիտի իմացնեմ. ձեզմէ բան մը պիտի չպահեմ»։ 5 Անոնք Երեմիային ըսին. «Տէրը մեր մէջ ճշմարիտ ու հաւատարիմ վկայ ըլլայ, եթէ չընենք այն բոլոր բաները, որոնց համար Տէր Աստուած քեզի պիտի յայտնէ, 6 Թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։ Մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին պիտի հնազանդինք, որուն քեզ կը ղրկենք, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդելով՝ մեզի աղէկ ըլլայ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԻՆ
7 Տասը օր ետքը Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային։ 8 Ան Կարէին որդին Յօհանան եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրավարներն ու պզտիկէն մինչեւ մեծը, բոլոր ժողովուրդը, կանչեց 9 Ու անոնց ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն դուք զիս ղրկեցիք ձեր աղաչանքը մատուցանելու համար, այսպէս կ’ըսէ. 10 ‘Եթէ շարունակէք այս երկրին մէջ բնակիլ, ես ալ ձեզ պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ եւ ձեզ պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ. վասն զի ձեզի ըրած չարիքիս վրայով զղջացի։ 11 Մի՛ վախնաք Բաբելոնի թագաւորին երեսէն, որմէ կը վախնաք։ Անկէ մի՛ վախնաք, վասն զի ձեզ անոր ձեռքէն ազատելու համար ու ձեզ ապրեցնելու համար ես ձեզի հետ եմ 12 Ու ձեզի ողորմութիւններ գտնել պիտի տամ եւ անիկա ձեզի պիտի ողորմի, ձեզ ձեր երկիրը պիտի դարձնէ’։ 13 Բայց եթէ ըսէք՝ ‘Այս երկրին մէջ չենք բնակիր’ ու ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չընելով՝ 14 Ըսէք. ‘Ո՛չ, հապա Եգիպտոսի երկիրը երթանք, ուր պատերազմ պիտի չտեսնենք ու փողի ձայն պիտի չլսենք եւ հացի համար անօթի պիտի չմնանք ու հոն պիտի բնակինք’, 15 Այն ատեն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք։ Ո՛վ Յուդայի մնացորդ, զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ դուք ձեր երեսները շտկէք դէպի Եգիպտոս ու հոն պանդխտանալու երթաք, 16 Այն ատեն այն սուրը, որմէ կը վախնաք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեր վրայ պիտի գայ եւ այն սովը, որմէ դուք կը զարհուրիք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեզ պիտի պաշարէ ու հոն պիտի մեռնիք։ 17 Այն մարդիկը, որոնք իրենց երեսները կը շտկեն դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնին ու իմ անոնց վրայ բերելիք չարիքիս երեսէն անոնցմէ մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ’։
18 Վասն զի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ թափուեցաւ, այնպէս ձեր վրայ պիտի թափուի իմ սրտմտութիւնս, երբ Եգիպտոս մտնէք եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլաք ու ա՛լ այս տեղը պիտի չտեսնէք»։ 19 Ո՛վ Յուդայի մնացորդներ, Տէրը ձեզի համար ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք’ ըսաւ. ուստի աղէկ գիտցէք, որ այսօր ձեզի վկայութիւն կ’ընեմ։ 20 Վասն զի դուք ձեր հոգիին դէմ նենգութիւն ըրիք, երբ զիս ձեր Տէր Աստուծոյն ղրկեցիք՝ ըսելով. «Մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛ ու մեր Տէր Աստուծոյն ըսած ամէն խօսք մեզի պատմէ ու պիտի ընենք»։ 21 Ես այսօր ձեզի պատմեցի ու դուք մտիկ չըրիք ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին ու այն ամէն խօսքերուն, որոնց համար զիս ձեզի ղրկեց։ 22 Հիմա աղէկ գիտցէք, որ դուք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնիք այն տեղը՝ ուր կ’ուզէք երթալ հոն պանդխտանալու համար։
ԵՐԵՄԻԱ ԵԳԻՊՏՈՍ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
43 1 Երբ Երեմիա բոլոր ժողովուրդին՝ Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լմնցուց, որոնց համար անոնց Տէր Աստուածը զանիկա անոնց ղրկեր էր, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, 2 Այն ատեն Ովսիային որդին Ազարիան ու Կարէին որդին Յօհանան եւ բոլոր ամբարտաւան մարդիկը Երեմիային խօսեցան ու ըսին. «Դուն սո՛ւտ կը խօսիս. մեր Տէր Աստուածը քեզ չղրկեց, որ մեզի ըսես թէ ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք հոն պանդխտանալու համար’. 3 Հապա Ներիային որդին Բարուքը քեզ մեզի դէմ կը հանէ, որպէս զի մեզ Քաղդէացիներուն ձեռքը տայ, որ մեզ մեռցնեն ու մեզ Բաբելոն գերի տանին»։ 4 Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին, որ Յուդայի երկրին մէջ բնակին. 5 Հապա Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները Յուդայի բոլոր մնացորդները առին, որոնք Յուդայի երկրին մէջ բնակելու համար ետ դարձեր էին այն բոլոր ազգերէն՝ ուր ցրուած էին. 6 Այսինքն այր մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու թագաւորին աղջիկները եւ Նաբուզարդան դահճապետին՝ Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային քով թողուցած բոլոր մարդիկը ու Երեմիա մարգարէն եւ Ներիային որդին Բարուքը 7 Ու Եգիպտոսի երկիրը տարին, վասն զի Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին ու մինչեւ Տափնաս հասան։
8 Տափնասի մէջ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. 9 «Ձեռքդ մեծ քարեր ա՛ռ ու զանոնք Յուդայի մարդոցը աչքերուն առջեւ Տափնաս եղող՝ Փարաւոնին տանը դրանը առջեւի աղիւսատունը կաւին մէջ թաղէ 10 Եւ անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես պիտի ղրկեմ ու իմ ծառաս Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը պիտի առնեմ եւ անոր աթոռը այս իմ թաղած քարերուս վրայ պիտի դնեմ ու անիկա իր արքայական խորանը անոնց վրայ պիտի տարածէ 11 Եւ պիտի գայ Եգիպտոսի երկիրը պիտի զարնէ. մահուան համար եղողները մահուան, գերութեան համար եղողները գերութեան եւ սուրի համար եղողները սուրի պիտի մատնէ։ 12 Եգիպտոսի աստուածներուն տուներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ. անիկա զանոնք պիտի այրէ ու զանոնք գերի պիտի տանի եւ անիկա Եգիպտոսի երկիրը պիտի հագնի, ինչպէս հովիւը իր հանդերձը կը հագնի ու անկէ խաղաղութեամբ պիտի ելլէ։ 13 Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող արեւու տանը արձանները պիտի կոտրտէ ու Եգիպտոսի աստուածներուն տուները կրակով պիտի այրէ’»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
44 1 Եգիպտոս բնակող բոլոր Հրեաներուն համար, այսինքն Մագդողի, Տափնասի, Մեմփիսի ու Պաթուրէսի մէջ բնակողներուն համար Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.
2 «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք տեսաք այն ամէն չարիքը, որ Երուսաղէմի վրայ ու բոլոր Յուդայի քաղաքներուն վրայ բերի եւ ահա անոնք այսօր աւերակ են ու անոնց մէջ բնակող չկայ, 3 Զիս բարկացնելու համար ըրած չարութիւններուն պատճառով, որ գացին, խունկ ծխեցին ու ծառայութիւն ըրին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք ճանչցեր էին, ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը։ 4 Եւ ես ձեզի ղրկեցի իմ ծառաներս՝ մարգարէները՝ կանուխ ելլելով եւ ըսի. «Այդ պիղծ գործը մի՛ ընէք, որը ես կ’ատեմ»։ 5 Բայց մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, որ իրենց չարութիւններէն դառնան եւ ուրիշ աստուածներու խունկ չծխեն։ 6 Ուստի իմ սրտմտութիւնս ու բարկութիւնս թափեցաւ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ բորբոքեցաւ ու անոնք այսօրուան եղածին պէս անապատ ու ամայի եղան’։ 7 Եւ հիմա զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչո՞ւ համար դուք ձեր հոգիին դէմ այս մեծ չարութիւնը կը գործէք, որ Յուդայի մէջէն այր մարդն ու կինը, տղան ու կաթնկեր մանուկը կորսնցնէք, այնպէս որ ձեզի մնացորդ մը չմնայ. 8 Ձեր ձեռքերուն գործերովը զիս սրդողեցնելով եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխելով Եգիպտոսի մէջ, ուր դուք մտաք հոն պանդխտանալու համար, որպէս զի ձեր անձը կորսնցնէք ու երկրի բոլոր ազգերուն մէջ անէծք ու նախատինք ըլլաք։ 9 Միթէ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ ձեր հայրերուն ըրած չարութիւնները եւ Յուդայի թագաւորներուն չարութիւնները ու անոնց կիներուն չարութիւնները մոռցա՞ք։ 10 Անոնք մինչեւ այսօր իրենց անձերը չխոնարհեցուցին ու չվախցան եւ ձեր առջեւ ու ձեր հայրերուն առջեւ դրած օրէնքիս ու պատուիրանքներուս մէջ չքալեցին։ 11 Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես իմ երեսս ձեզի կ’ուղղեմ չարիքի ու բոլոր Յուդան կորսնցնելու համար 12 Եւ պիտի առնեմ Յուդային մնացորդը, որոնք երեսնին դարձուցին դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, բայց անոնք Եգիպտոսի մէջ պզտիկէն մինչեւ մեծը սուրով ու սովով պիտի մեռնին եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլան։ 13 Եգիպտոսի մէջ բնակողները պիտի պատժեմ, ինչպէս Երուսաղէմը՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պատժեցի։ 14 Եւ Յուդայի մնացորդէն, այսինքն Եգիպտոս պանդխտանալու գացողներէն, մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ, որ Յուդայի երկիրը դառնան, ուր անոնք կը յուսան դառնալ եւ հոն բնակիլ. վասն զի Եգիպտոսէն փախչողները միայն պիտի դառնան։
15 Այն բոլոր մարդիկը, որոնք գիտէին թէ իրենց կիները օտար աստուածներու խունկ կը ծխէին եւ բոլոր ներկայ եղող կիները, մեծ ժողով մը ըրին ու Եգիպտոսի եւ Պաթուրէսի մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդը Երեմիային պատասխան տուին՝ ըսելով. 16 «Տէրոջը անունով մեզի խօսած խօսքիդ մենք մտիկ չենք ըներ. 17 Հապա անշուշտ մեր բերնէն ելած խօսքը պիտի ընենք, երկնքի թագուհիին խունկ ծխելով եւ անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելով, ինչպէս ըրինք մենք ու մեր հայրերը, մեր թագաւորներն ու մեր իշխանները՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, ուր հացով կշտացանք եւ հանգիստ էինք ու չարիք մը չտեսանք։ 18 Սակայն այն ատենէն ի վեր, որ երկնքի թագուհիին խունկ ծխելէն ու անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելէն ետ կեցանք, ամէն բանի կարօտ եղանք եւ սուրով ու սովով հատանք։ 19 Երբ երկնքի թագուհիին խունկ կը ծխէինք եւ անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք, միթէ առանց մեր այրերուն հրամանի՞ն զանիկա պաշտելու համար բլիթներ կը շինէինք ու անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք»։
20 Երեմիա բոլոր ժողովուրդին, այրերուն եւ կիներուն ու իրեն այս պատասխանը տուող ժողովուրդին ըսաւ. 21 «Միթէ այն խունկը, որ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կը ծխէիք, դուք ու ձեր հայրերը, ձեր թագաւորներն ու ձեր իշխանները ու երկրին ժողովուրդը, Տէրը չյիշե՞ց ու անոր միտքը չինկա՞ւ։ 22 Տէրը ձեր չար գործերուն ու ձեր ըրած գարշութիւններուն ա՛լ չկրցաւ համբերել, ուստի ձեր երկիրը անապատ, ամայի ու նզովուած եւ անբնակ եղաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։ 23 Որովհետեւ դուք խունկ ծխեցիք ու Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիք ու անոր օրէնքին, պատուիրանքներուն ու վկայութիւններուն մէջ չքալեցիք, անոր համար այս չարիքը ձեզի եկաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ»։
24 Երեմիա բոլոր ժողովուրդին ու բոլոր կիներուն ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդա. 25 Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ու ձեր կիները ձեր բերնովը խօսեցաք ու ձեր ձեռքովը գործադրեցիք ու ըսիք «Անշուշտ ըրած ուխտերնիս պիտի կատարենք, այսինքն երկնքի թագուհիին խունկ պիտի ծխենք ու անոր ըմպելի նուէրներ պիտի մատուցանենք». այո՛, դուք ձեր ուխտերուն վրայ հաստատ պիտի կենաք եւ ձեր ուխտերը պիտի կատարէք։ 26 Անոր համար Տէրոջը խօսքը լսեցէք, ո՛վ բոլոր Յուդա, որ Եգիպտոսի մէջ կը բնակիք. ‘Ահա ես իմ մեծ անունովս երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ա՛լ բնաւ Յուդայի մարդու մը բերնէն իմ անունս պիտի չկանչուի՝ ըսելով. «Եհովա Տէրը կենդանի է». 27 Ահա ես անոնց վրայ կը հսկեմ չարիքի համար եւ ո՛չ թէ բարիքի համար ու Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդայի բոլոր մարդիկը սուրով ու սովով պիտի կոտորուին մինչեւ հատնին։ 28 Եւ խիստ քիչ մարդիկ պիտի ըլլան որ սուրէն ազատուելով՝ Եգիպտոսէն Յուդայի երկիրը պիտի դառնան ու Եգիպտոս պանդխտանալու գացող Յուդայի բոլոր մնացորդները պիտի գիտնան թէ որո՛ւն խօսքը պիտի հաստատուի, ի՞մս թէ իրենցը’։ 29 ‘Եւ ասիկա ձեզի նշան ըլլայ, կ’ըսէ Տէրը, որ այս տեղ ձեզ պիտի պատժեմ, որպէս զի գիտնաք թէ իմ խօսքս ձեր վրայ անշուշտ պիտի հաստատուի չարիքի համար’։ 30 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն Վափառ թագաւորը իր թշնամիներուն ձեռքը ու իր հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. ինչպէս Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը իր թշնամիին ու իր հոգին փնտռող Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը մատնեցի’»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԲԱՐՈՒՔԻՆ
45 1 Երեմիա մարգարէին խօսքը, որ Ներիային որդիին՝ Բարուքին խօսեցաւ, երբ անիկա այս խօսքերը Երեմիայի բերնէն գրքի մը մէջ գրեց, Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին ու ըսաւ. 2 «Ո՛վ Բարուք, Իսրայէլին Տէր Աստուածը քեզի համար այսպէս կ’ըսէ. 3 ‘Դուն ըսիր, Հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ ու հանգստութիւն չեմ գտներ’։ 4 Անոր այսպէս ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ շինածս պիտի փլցնեմ ու իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն այս բոլոր երկիրը։ 5 Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը, բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ’»։
ԵԳԻՊՏՈՍ ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԷՆ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ
46 1 Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին, ազգերուն վրայով։ 2 Եգիպտոսի համար, Եգիպտացիներու թագաւորին, Փարաւոն Նեքաւովին, Քարքամիսի մէջ Եփրատ գետին քով եղող զօրքին վրայ, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ՝ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին։
3 «Ասպար ու վահան պատրաստեցէ՛ք
Եւ պատերազմի մօտեցէ՛ք։
4 Ձիերը լծեցէք ու դուք, ո՛վ ձիաւորներ, հեծէ՛ք.
Սաղաւարտներով կայնեցէ՛ք,
Նիզակները փայլեցուցէ՛ք, զրահներ հագէ՛ք։
5 Զանոնք ինչո՞ւ համար զարհուրած ու ետ դարձած կը տեսնեմ։
Անոնց զօրաւորները անգամ ջարդուեցան
Ու արտորնօք փախչելով իրենց ետեւը չնայեցան.
‘Ամէն կողմէ վախ կայ’, կ’ըսէ Տէրը։
6 Շուտ վազողը թող փախչի
Ու զօրաւորը չազատի։
Անոնք հիւսիսային կողմը, Եփրատ գետին քով,
Գլորելով պիտի իյնան։
7 Ո՞վ է ասիկա, որ գետի պէս կը տարածուի,
Որուն ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։
8 Եգիպտոս գետի պէս կը տարածուի
Եւ անոր ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։
Ու կ’ըսէ. ‘Տարածուիմ, երկիրը ծածկեմ,
Քաղաքն ու անոր բնակիչները բնաջինջ ընեմ’։
9 Ո՛վ ձիեր, ելէ՛ք եւ ո՛վ կառքեր, կատղեցէ՛ք
Եւ զօրաւորները թող ելլեն,
Վահան բռնող Եթովպիացիները ու Փութացիները
Ու աղեղ բռնող ու լարող Ղուդացիները։
10 Վասն զի այսօր զօրքերու Տէր Եհովային վրէժխնդրութեան օրն է,
Որ իր թշնամիներէն վրէժ առնէ։
Սուրը պիտի ուտէ ու կշտանայ,
Անոնց արիւնովը պիտի գինովնայ,
Վասն զի հիւսիսի երկրին մէջ, Եփրատ գետին քով,
Զօրքերու Տէր Եհովան զոհ ունի։
11 Դէպի Գաղաադ ելի՛ր ու Բալասանը ա՛ռ,
Ո՛վ Եգիպտոսի կոյս աղջիկ,
Դեղերը պարապ տեղ կը շատցնես,
Քանզի քեզի բժշկութիւն չկայ։
12 Ազգերը քու անարգանքդ լսեցին
Ու քու աղաղակդ երկիրը լեցուց.
Վասն զի զօրաւորը զօրաւորին վրայ գլորեցաւ,
Երկուքը մէկտեղ ինկան»։
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
13 Ասիկա է այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիա մարգարէին խօսեցաւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գալուն ու Եգիպտոսը զարնելուն համար։
14 «Եգիպտոսի մէջ պատմեցէ՛ք, Մագդողի,
Մեմփիսի ու Տափնասի մէջ հրատարակեցէ՛ք
Ու ըսէ՛ք. ‘Կայնէ՛ ու պատրաստ եղի՛ր,
Վասն զի քու բոլորտիքդ սուրը պիտի ուտէ’։
15 Քու զօրաւորներդ ինչո՞ւ կործանեցան.
Անոնք չկրցան կենալ, վասն զի Տէրը զանոնք վար ձգեց։
16 Գլորուածները շատցուց ու իրարու վրայ ինկան
Ու ըսին. ‘Ելի՛ր ու բռնաւորին սուրին պատճառով
Մեր ժողովուրդին ու մեր ծննդեան երկիրը դառնանք’։
17 Հոն կը կանչէին.
‘Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը պարապ տեղը կ’աղաղակէ.
Անիկա իր որոշուած ժամանակը անցուց’։
18 «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ այն Թագաւորը
Որուն անունը զօրքերու Տէր է,
Ինչպէս Թաբօրը լեռներու մէջ է,
Ինչպէս Կարմեղոսը մինչեւ ծովը կը հասնի,
Այնպէս անիկա պիտի գայ։
19 Ո՛վ Եգիպտոս բնակող աղջիկ,
Գերութեան կարասիներ պատրաստէ քեզի.
Վասն զի Մեմփիսը ամայի պիտի ըլլայ
Ու աւերակ՝ առանց բնակիչի։
20 «Եգիպտոս խիստ գեղեցիկ երինջ մըն է,
Բայց կոտորած մը կու գայ, հիւսիսէն կու գայ։
21 Եւ անոր մէջ վարձքով բռնուած զօրքերը գիրցած զուարակներու պէս են.
Սակայն անոնք ալ ետ դարձան, մէկտեղ փախան, չկայնեցան.
Վասն զի անոնց վրայ՝ անոնց կորստեան օրը
Ու անոնց պատուհասի ժամանակը հասաւ։
22 «Անոր ձայնը օձի ձայնին պէս պիտի ըլլայ,
Վասն զի զօրքով պիտի հասնին
Եւ անոր վրայ փայտահատներու պէս տապարներով պիտի գան.
23 Անոր անտառը պիտի կտրտեն, կ’ըսէ Տէրը,
Թէպէտեւ անոր ծառերը անթիւ են
Ու անոնք մարախէն շատ են,
Այնպէս որ չեն համրուիր։
24 Եգիպտոսի աղջիկը ամօթով պիտի ըլլայ,
Հիւսիսային ժողովուրդին ձեռքը պիտի մատնուի»։
25 Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ կ’ըսէ.
«Ահա ես Նովացի Ամոնին եւ Փարաւոնին
Ու Եգիպտոսին եւ անոր աստուածներուն ու թագաւորներուն,
Այսինքն Փարաւոնին ու անոր ապաւինողներուն, պատուհաս պիտի բերեմ
26 Եւ զանոնք՝ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը
Ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը
Ու անոր ծառաներուն ձեռքը պիտի մատնեմ
Եւ անկէ ետքը հին օրերու պէս պիտի բնակուի, կ’ըսէ Տէրը։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ԱԶԱՏԷ
27 «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար
Եւ ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր.
Քանզի ահա ես քեզ հեռուէն
Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեան երկրէն պիտի ազատեմ։
Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ
Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ»։
28 «Դուն մի՛ վախնար, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, կ’ըսէ Տէրը,
Վասն զի ես քեզի հետ եմ.
Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը,
Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի,
Բայց քեզ պիտի չսպառեմ,
Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ,
Թէեւ քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չհանեմ»։
ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
47 1 Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին եղաւ Փղշտացիներուն վրայով՝ դեռ Փարաւոն Գազանը չզարկած։
2 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա հիւսիսէն ջուրեր կու գան,
Որոնք յորդած հեղեղի պէս պիտի ըլլան
Ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը,
Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի կոխեն.
Մարդիկ պիտի աղաղակեն,
Երկրին բոլոր բնակիչները պիտի ոռնան։
3 Անոր երիվարներուն սմբակներուն ձայնէն,
Անոր կառքերուն շաչիւնէն,
Անիւներուն շառաչիւնէն՝
Հայրերը իրենց տղոցը պիտի չնային
Իրենց ձեռքերուն թուլնալուն համար,
4 Բոլոր Փղշտացիները կորսնցնելու
Եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի
Բոլոր մնացած օգնականները կոտորելու եղող օրուանը պատճառով,
Քանզի Տէրը Փղշտացիները,
Կափթոր կղզիին մնացորդները, պիտի կորսնցնէ։
5 Գազայի վրայ կնտութիւն եկաւ,
Ասկաղոնը՝ իր հովտին մնացորդովը աւերակ եղաւ.
Մինչեւ ե՞րբ քու մարմնիդ վրայ կտրածներ պիտի ընես։
6 Ո՛վ Տէրոջը սուրը,
Մինչեւ ե՞րբ հանդարտ պիտի չկենաս։
Քու պատեանդ դարձիր,
Հանգչէ՛ ու լռէ՛։
7 Ի՞նչպէս կրնայ հանդարտ կենալ.
Երբ Տէրը անոր հրամայեր է,
Ասկաղոնի ու ծովեզերքի դէմ
Ղրկեր է զանիկա»։
ՄՈՎԱԲԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
48 1 Մովաբին վրայով զօրքերու Տէրը՝
Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ.
«Վա՜յ Նաբաւին, վասն զի աւերուեցաւ.
Կարիաթեմը ամչցաւ ու առնուեցաւ.
Մասգաբը ամչցաւ ու զարհուրեցաւ։
2 Մովաբը ա՛լ պիտի չպարծի։
Եսեբոնի մէջ անոր վրայ չարիք խորհեցան ու ըսին.
‘Եկէ՛ք, զանիկա ազգ ըլլալէ դադրեցնենք’։
Դո՛ւն ալ, ո՛վ Մադմէն, լռութեան պիտի դատապարտուիս,
Քու ետեւէդ սուր կու գայ։
3 Որոնայիմէն աղաղակի ձայն կու գայ.
‘Աւերում ու մեծ կոտորած կայ’։
4 Մովաբ կործանուեցաւ,
Անոր պզտիկ տղաքները աղաղակ բարձրացուցին։
5 Քանզի Ղուիթի զառիվերէն
Մեծ լացով պիտի ելլեն.
Քանզի Որոնայիմի զառիվայրէն
Թշնամիները կոտորածի աղաղակ լսեցին։
6 Փախէ՛ք, ձեր անձը ազատեցէ՛ք
Եւ անապատին մէջի մոշային պէս եղէ՛ք։
7 Քանզի քու գործերուդ ու գանձերուդ ապաւինելուդ համար՝
Դուն ալ պիտի առնուիս
Եւ Քամովսը գերութեան պիտի երթայ
Իր քուրմերով ու իր իշխաններով մէկտեղ։
8 Եւ ամէն քաղաքի վրայ կործանողը պիտի գայ
Ու քաղաք մը պիտի չազատի.
Հովիտը պիտի կորսուի ու դաշտը պիտի աւերուի,
Ինչպէս Տէրը ըսաւ։
9 «Մովաբին թեւեր տուէ՛ք, որպէս զի թռչելով փախչի,
Քանզի անոր քաղաքները ամայի պիտի ըլլան՝ բնակիչ չունենալով։
10 «Տէրոջը գործը նենգութեամբ կատարողը անիծեալ ըլլայ
Ու իր սուրը արիւնէն խնայողը անիծեալ ըլլայ։
ՄՈՎԱԲԻՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
11 «Մովաբ իր տղայութենէն ի վեր հանգստութեան մէջ էր,
Գինիի պէս իր մրուրին վրայ կը նստէր,
Ամանէ աման չթափուեցաւ,
Գերութեան չգնաց.
Անոր համար իր համը իր մէջ մնաց
Ու հոտը չփոխուեցաւ։
12 «Բայց ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ փոխադրողներ պիտի ղրկեմ
Զանիկա պիտի փոխադրեն,
Անոր ամանները պիտի պարպեն,
Տիկերը կտոր կտոր պիտի ընեն։
13 Մովաբը Քամովսէն պիտի ամչնայ,
Ինչպէս Իսրայէլին տունը իր ապաւինած Բեթէլէն ամչցաւ։
14 «Ի՞նչպէս կ’ըսէք թէ ‘Մենք կտրիճներ ենք
Ու պատերազմի համար զօրաւոր մարդիկ ենք’։
15 Մովաբը աւերուեցաւ եւ անոր քաղաքները այրուեցան
Ու անոր ընտիր երիտասարդները մորթուելու տարուեցան,
Կ’ըսէ այն Թագաւորը, որուն անունը Զօրքերու Տէր է։
16 Մովաբին կորուստը գալու մօտ է
Եւ անոր պատուհասը խիստ կ’որոտայ։
17 Ո՛վ անոր բոլորտիքը եղողներ, ամէնքդ անոր վրայ ողբացէ՛ք
Ու ըսէք դուք՝ որ անոր անունը գիտէք.
‘Զօրութեան գաւազանը, փառքի ցուպը,
Ի՜նչպէս կոտրեցաւ’։
18 «Ով Դեբոնի մէջ բնակող աղջիկ,
Փառքէն իջիր ու չոր գետնի վրայ նստէ՛.
Վասն զի Մովաբը կործանողը քու վրադ պիտի ելլէ
Եւ քու պարիսպներդ պիտի աւերէ։
19 Ճամբուն վրայ կայնէ ու դիտէ,
Ո՛վ Արոէրի բնակիչ,
Փախչողին ու ազատողին հարցուր
Ու ըսէ՛ թէ՝ ‘Ի՞նչ եղաւ’։
20 Մովաբը ամչցաւ, վասն զի կոտրեցաւ.
Ողբա՛ ու աղաղակէ՛.
Մովաբին աւրուիլը Առնոնի մէջ պատմեցէ՛ք։
21 «Դաշտային երկրին,
Քօղօնի, Յասսայի ու Մեփայաթի վրայ դատաստան եկաւ,
22 Նաեւ Դեբոնի, Նաբաւի, Բեթդէբլաթեմի,
23 Կարիաթեմի եւ Բեթգամովղի, Բեթմաւոնի,
24 Կարիօթի, Բօսրայի
Ու Մովաբի երկրին բոլոր քաղաքներուն վրայ,
Թէ՛ հեռաւոր եւ թէ՛ մօտաւոր։
25 Մովաբին եղջիւրը կոտրուեցաւ
Ու բազուկը բեկանուեցաւ», կ’ըսէ Տէրը։
ՄՈՎԱԲԻՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻՆ
26 Զանիկա գինովցուցէ՛ք,
Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ։
Մովաբ թող իր փսխունքին մէջ թաւալի
Եւ ինքն ալ ծաղրանքի առարկայ ըլլայ։
27 Միթէ Իսրայէլ քեզի ծաղրանքի առարկայ չեղա՞ւ.
Անիկա գողերո՞ւ մէջ գտնուեցաւ,
Երբ դուն անոր վրայով կը խօսէիր, գլուխ կը շարժէիր։
28 «Ո՛վ Մովաբի բնակիչներ,
Քաղաքները թողուցէ՛ք, ծերպերու մէջ բնակեցէ՛ք։
Փոսի բերնին քովերը իր բոյնը շինող աղաւնիին պէս եղէ՛ք»։
29 Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք.
Անիկա խիստ ամբարտաւան է։
Անոր հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, յոխորտանքը
Ու սրտին գոռոզութիւնը լսեցինք։
30 «Ես անոր ամբարտաւանութիւնը գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Բայց պարապ է.
Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ պիտի ելլեն»։
31 Ուստի Մովաբին համար պիտի ողբամ ու աղաղակեմ։
Կիրհարէսի մարդոցը համար սուգ պիտի բռնուի։
32 Ո՛վ Սեբամայի որթատունկ, քու վրայ Յազերի լացովը պիտի լամ.
Քու շառաւիղներդ ծովէն անցնելով
Մինչեւ Յազերի ծովը հասեր էին։
Քու ամառնային պտուղիդ վրայ եւ այգեկութիդ վրայ աւարառուն ինկաւ։
33 Ու պտղաբեր արտերէն եւ Մովաբի երկրէն
Ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան։
Հնձաններէն գինին դադրեցուցի.
Ցնծութեամբ խաղող պիտի չկոխուի
Ու ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։
34 «Եսեբոնին աղաղակը մինչեւ Եղէաղէ,
Մինչեւ Յասսա ձայն տուաւ,
Երեք տարեկան երինջի պէս, Սեգովրէն մինչեւ Որոնայիմ.
Քանզի Նեմերիմին ջուրերը անգամ աւրուեցան։
35 Մովաբին բարձր տեղը ողջակէզ մատուցանողը
Ու իր աստուածներուն խունկ ծխողը
Պիտի վերցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
36 Այս պատճառով իմ սիրտս Մովաբին համար սրինգներու պէս պիտի հնչէ
Ու Կիրհարէսին մարդոցը համար ալ իմ սիրտս սրինգներու պէս պիտի հնչէ.
Վասն զի անոնց ստացած հարստութիւնը կորսուեցաւ։
37 «Քանզի ամէն գլուխ կնտակ պիտի ըլլայ
Եւ ամէն մօրուք պիտի կտրուի
Ու ամէն ձեռքի վրայ կտրածներ պիտի ըլլան
Եւ ամէն մէջքի վրայ քուրձ պիտի ըլլայ։
38 Մովաբի բոլոր տանիքներուն վրայ
Ու անոր փողոցներուն մէջ միայն կոծ պիտի ըլլայ,
Վասն զի Մովաբը կոտրեցի այնպիսի ամանի մը պէս,
Որով ո՛չ ոք կը մտահոգուի, կ’ըսէ Տէրը։
39 ‘Ի՜նչպէս կոտրեցաւ Մովաբը,
Ի՜նչպէս ամօթով կռնակ դարձուց’, պիտի ըսեն ու ողբան։
Մովաբ ամէն իր բոլորտիքը եղողներուն՝
Խայտառակութեան ու սոսկումի պատճառ պիտի ըլլայ»։
ՄՈՎԱԲԻՆ ԱԶԱՏՈՒՄ ՉԿԱՅ
40 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա թշնամին արծիւի պէս պիտի թռչի
Ու իր թեւերը Մովաբին վրայ պիտի տարածէ։
41 Քաղաքները կ’առնուին
Եւ բերդերը կը նուաճուին
Ու այն օրը Մովաբի զօրաւորներուն սիրտը
Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ։
42 Եւ Մովաբ ժողովուրդ ըլլալէ պիտի դադրի,
Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ։
43 ‘Ով Մովաբի բնակիչ,
Քու առջեւդ վախ, գուբ ու որոգայթ կայ’, կ’ըսէ Տէրը։
44 ‘Վախէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ
Եւ գուբէն ելլողը որոգայթի մէջ պիտի բռնուի.
Քանզի անոր վրայ, Մովաբի վրայ,
Անոնց պատուհասի տարին պիտի բերեմ’, կ’ըսէ Տէրը։
45 «Ուժէն փախչողները Եսեբոնի հովանիին տակ կայնեցան.
Բայց Եսեբոնէն կրակ
Ու Սեհոնի մէջէն բոց ելաւ
Եւ Մովաբին ծայրը
Ու աղաղակողներուն գագաթը կերաւ։
46 Վա՜յ քեզի, Մովաբ,
Քամովսի ժողովուրդը կորսուեցաւ.
Քանզի քու տղաքներդ գերի առնուեցան
Ու աղջիկներդ՝ գերութեան։
47 Բայց վերջին օրերը
Մովաբը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
Մովաբին դատաստանը մինչեւ հոս է։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԱՄՄՈՆԻՆ
49 1 Ամմոնին որդիներուն վրայով
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Միթէ Իսրայէլ տղաքներ չունի՞.
Միթէ անիկա ժառանգ չունի՞.
Ինչո՞ւ Մեղքոմը Գադին ժառանգ եղաւ
Ու իր ժողովուրդը անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ։
2 Ասոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ Ամմոնին որդիներուն Ռաբբայի մէջ
Պատերազմի աղաղակ լսել պիտի տամ
Ու անիկա աւերակներու դէզ պիտի ըլլայ
Եւ անոր գիւղերը կրակով պիտի այրին
Ու Իսրայէլ իրեն տիրողներուն վրայ պիտի տիրէ, կ’ըսէ Տէրը։
3 «Ողբա՛, ո՛վ Եսեբոն, վասն զի Գային կորսուեցաւ։
Աղաղակեցէ՛ք, ո՛վ Ռաբբայի աղջիկներ,
Քուրձեր հագէ՛ք, լացէ՛ք
Ու ցանկէ ցանկ վազեցէ՛ք.
Վասն զի Մեղքոմ գերութեան կ’երթայ
Իր քուրմերովն ու իշխաններովը մէկտեղ։
4 Ինչո՞ւ քու հովիտներովդ կը պարծիս։
Քու հովիտդ աւերուեցաւ, ո՛վ ապստամբ աղջիկ,
Որ քու գանձերուդ ապաւիներ էիր
Ու կ’ըսէիր թէ ‘Իմ վրաս ո՞վ կրնայ գալ’։
5 «Ահա ես, կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան,
Քու վրադ վախ պիտի բերեմ
Բոլորտիքդ եղողներէն
Եւ ամէն մէկը իր առջեւի ճամբան երթալով՝ պիտի ցրուիք
Ու փախստականները հաւաքող պիտի չըլլայ։
6 Եւ անկէ ետքը Ամմոնին որդիները գերութենէ
Պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵԴՈՎՄԻՆ
7 Եդովմի վրայով զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Արդեօք Թեմանի մէջ ա՛լ իմաստութիւն չկա՞յ
Ու հանճարեղներէն խորհուրդը կորսուեցա՞ւ.
Անոնց իմաստութիւնը հատա՞ւ։
8 Փախէ՛ք, դարձէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք,
Ո՛վ Դեդանի բնակիչներ,
Վասն զի Եսաւին կորուստը
Անոր պատժուելու ժամանակը անոր վրայ պիտի բերեմ։
9 Եթէ քեզի այգի կթողներ գային,
Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն.
Եթէ գիշերով գողեր գային,
Իրենց բաւարար եղածին չա՞փ պիտի յափշտակէին։
10 Բայց ես Եսաւը բոլորովին մերկացուցի,
Անոր ծածուկ տեղերը բացի,
Այնպէս որ ան չկրցաւ պահուըտիլ։
Անոր զաւակները, անոր եղբայրներն ու անոր դրացիները կորսուեցան
Եւ ինք չկայ։
11 Որբերդ թո՛ղ տուր, ես զանոնք ողջ կը պահեմ
Ու քու որբեւայրիներդ թող ինծի ապաւինին»։
12 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա անոնք, որ բաժակը խմելու պարտաւոր չէին, անշուշտ պիտի խմեն.
Իսկ դուն բոլորովին անպատի՞ժ պիտի մնաս։
Անպատիժ պիտի չմնաս,
Հապա անպատճառ պիտի խմես։
13 Վասն զի իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Որ Բօսրան ամայութիւն, նախատինք, աւերակ ու անէծք պիտի ըլլայ
Եւ անոր բոլոր քաղաքները յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլան»։
14 Տէրոջը կողմէ լուր լսեցի
Ու ազգերուն դեսպան ղրկուած է, որ կ’ըսէ.
«Հաւաքուեցէ՛ք եւ անոր վրայ գացէ՛ք
Ու պատերազմի ելէ՛ք»։
15 Քանզի ահա քեզ ազգերու մէջ՝ պզտիկ
Ու մարդոց մէջ անարգ ըրի։
16 Քու ահաւորութիւնդ, քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեցին,
Ո՛վ վէմին խոռոչներուն մէջ բնակող
Ու բարձր բլուրներուն փակչող.
Եթէ քու բոյնդ արծիւի պէս բարձրերն ալ շինես,
Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ, կ’ըսէ Տէրը։
17 «Եդովմ ամայի պիտի ըլլայ.
Անկէ ամէն անցնող պիտի զարմանայ
Եւ անոր բոլոր աղէտներուն համար պիտի սուլէ։
18 Սոդոմի ու Գոմորի եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն կործանումին պէս», կ’ըսէ Տէրը,
«Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի
Ու անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։
19 Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ
Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն.
Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանիկա
Եւ ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ.
Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ
Ու ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի
Եւ ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։
20 Անոր համար Եդովմի վրայով Տէրոջը խորհուրդը
Ու Թեմանի բնակիչներուն վրայով կազմած ծրագիրը լսեցէ՛ք.
Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք,
Անշուշտ անոնց բնակարանները անոնց հետ պիտի աւերէ։
21 Անոնց իյնալու ձայնէն երկիրը պիտի շարժի.
Անոնց աղաղակին ձայնը մինչեւ Կարմիր ծով պիտի լսուի։
22 Ահա թշնամին արծիւի պէս բարձրանալով պիտի թռչի
Ու իր թեւերը Բօսրայի վրայ պիտի տարածէ
Եւ այն օրը Եդովմին զօրաւորներուն սիրտը
Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ»։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ
23 Դամասկոսի վրայով։
«Եմաթ ու Արփաթ ամչցան
Քանզի գէշ լուր լսեցին ու մարեցան։
Ծովուն մէջ տառապանք կայ,
Անիկա չի կրնար հանդարտիլ։
24 Դամասկոս տկարացաւ,
Սկսաւ փախչիլ,
Արհաւիրքը անոր վրայ հասաւ.
Զանիկա ծննդական կնոջ պէս նեղութիւն ու ցաւեր բռնեցին։
25 Ի՜նչպէս լքուեցաւ երեւելի քաղաքը
Ու ուրախութեան քաղաքը։
26 Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան
Եւ բոլոր պատերազմիկները
Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
27 Դամասկոսի պարսպին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ,
Որ Բենադադին պալատները պիտի լափէ»։
ԿԵԴԱՐԻ ՑԵՂԻՆ ԵՒ ՀԱՍՈՐ ՔԱՂԱՔԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
28 Կեդարին վրայով ու Հասորի թագաւորութիւններուն վրայով, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ելէ՛ք, Կեդարի՛ վրայ գացէք եւ արեւելքի բնակիչները ջարդեցէ՛ք.
29 Անոնց վրաններն ու հօտերը պիտի առնուին,
Անոնց վարագոյրներն ու բոլոր կարասիները
Եւ ուղտերը իրենցմէ հեռու պիտի տարուին
Ու անոնց պիտի ըսուի թէ
‘Ամէն կողմանէ վախ կայ’։
30 Փախէ՛ք, շուտով հեռացէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք,
Ո՛վ Հասորի բնակիչներ, կ’ըսէ Տէրը,
Վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը
Ձեզի դէմ բան մը ծրագրեց
Ու ձեզի դէմ դիտաւորութիւն մը մտածեց։
31 «Ելէ՛ք ու հանգստութեան եւ ապահովութեան մէջ բնակող ազգին գացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,
Որ դռներ ու նիգեր չունի ու առանձինն կը բնակի։
32 Եւ անոնց ուղտերը պիտի կողոպտուին
Ու անոնց խաշինքներուն բազմութիւնը պիտի յափշտակուի
Եւ իրենց մօրուքին ծայրը կտրողները ամէն հովի պիտի ցրուեմ
Ու անոնց կործանումը ամէն կողմէ պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը
33 Եւ Հասորը չագալներու բնակարան,
Յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ.
Հոն մարդ պիտի չնստի
Ու հոն մարդու զաւակ պիտի չբնակի»։
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՏԱՆԸ ԵՂԱՄԻՆ
34 Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Եղամին մասին Երեմիա մարգարէին եղած Տէրոջը խօսքն է, որ ըսաւ.
35 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես Եղամին աղեղը,
Անոնց գլխաւոր զօրութիւնը պիտի կոտրեմ։
36 Ու Եղամին վրայ երկնքի չորս կողմէն չորս հովեր պիտի բերեմ,
Զանոնք այս բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ
Ու պիտի չըլլայ ազգ մը, որուն Եղամի փախստականները չերթան։
37 Ու Եղամացիները իրենց թշնամիներուն առջեւ
Եւ իրենց հոգին փնտռողներուն առջեւ պիտի վախցնեմ
Ու անոնց վրայ պատուհաս պիտի բերեմ,
Այսինքն իմ սաստիկ բարկութիւնս, կ’ըսէ Տէրը։
Եւ անոնց ետեւէն սուր պիտի ղրկեմ,
Մինչեւ զանոնք հատցնեմ։
38 Ու իմ աթոռս Եղամի մէջ պիտի դնեմ
Եւ թագաւոր ու իշխաններ պիտի կորսնցնեմ անկէ, կ’ըսէ Տէրը։
39 Բայց վերջին օրերը
Եղամը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ ԳՐԱՒՈՒՄԸ
50 1 Բաբելոնի վրայով, Քաղդէացիներու երկրին վրայով, Երեմիա մարգարէին Միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքը։
2 «Ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք.
Հրատարակեցէ՛ք ու դրօշ վերցուցէ՛ք.
Հրատարակեցէ՛ք ու մի՛ ծածկէք ու ըսէ՛ք՝
‘Բաբելոնը առնուեցաւ, Բէլը ամչցաւ,
Մարովդաքը կոտրեցաւ,
Անոր արձանները ամչցան,
Անոր կուռքերը կոտրտեցան’.
3 Վասն զի անոր վրայ հիւսիսէն ազգ մը ելաւ,
Որը անոր երկիրը աւերակ պիտի ընէ
Ու հոն բնակիչ պիտի չմնայ.
Մարդէ մինչեւ անասուն պիտի փախչին երթան»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
4 «Այն օրերը ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը,
Իսրայէլին որդիները, իրենք ու Յուդային որդիները, մէկտեղ պիտի գան,
Քալելով ու լալով պիտի գան
Եւ իրենց Տէր Աստուածը պիտի փնտռեն։
5 Սիօնի համար պիտի հարցնեն՝ իրենց երեսը դէպի հոն դարձնելով.
‘Եկէ՛ք ու Տէրոջը յարի՛նք
Յաւիտենական ու անմոռաց ուխտով մը’։
6 «Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ,
Իրենց հովիւները զանոնք մոլորեցուցին։
Զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին։
Անոնք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին
Ու իրենց մակաղատեղին մոռցան։
7 Բոլոր գտնողները զանոնք կերան
Ու անոնց թշնամիները ըսին՝
‘Մենք յանցանք չունինք,
Վասն զի անոնք արդարութեան բնակարան եղող Տէրոջը դէմ
Ու իրենց հայրերուն յոյսը եղող Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին’։
8 «Բաբելոնէն փախէ՛ք
Ու Քաղդէացիներու երկրէն ելէք
Եւ հօտերուն առջեւէն գացող նոխազներուն պէս եղէ՛ք։
9 Քանզի ահա ես Բաբելոնի վրայ
Հիւսիսի երկրէն մեծ ազգերու խումբ մը
Պիտի արթնցնեմ ու հանեմ։
Անոր առջեւ գունդերով պիտի շարուին
Եւ ան պիտի առնուի։
Անոնց նետերը, յաջողակ պատերազմողի նետերու պէս
Պարապ պիտի չդառնան։
10 Եւ Քաղդէացիներու երկիրը պիտի կողոպտուի
Ու զանիկա թալլողները պիտի կշտանան», կ’ըսէ Տէրը։
ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
11 «Որովհետեւ դուք ուրախացաք ու խնդացիք,
Ո՛վ իմ ժառանգութեանս կողոպտիչներ,
Կանանչ խոտերու մէջ արածուող երինջի պէս ցատկեցէ՛ք
Ու երիվարներու պէս վրնջեցէ՛ք։
12 Ձեր մայրը խիստ ամչցաւ.
Ձեզ ծնանողը շնորհազուրկ եղաւ։
Ահա անիկա ազգերուն յետինը,
Անապատ, անջրդի ու ամայի պիտի ըլլայ։
13 Տէրոջը բարկութեանը պատճառով հոն մարդ պիտի չբնակի,
Բոլորովին ամայի պիտի ըլլայ։
Ով որ Բաբելոնի քովէն անցնի՝
Անոր հարուածներուն վրայ
Պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։
14 Բաբելոնի շուրջը շարուեցէ՛ք,
Ո՛վ աղեղ լարողներ,
Անոր նետեցէ՛ք, նետին մի՛ խնայէք,
Քանզի անիկա Տէրոջը դէմ մեղք գործեց։
15 Անոր շուրջը աղաղակ բարձրացուցէ՛ք.
Անիկա անձնատուր եղաւ,
Անոր հիմերը կործանուեցան,
Անոր պարիսպները աւերուեցան,
Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնն է։
Անկէ վրէժ առէ՛ք,
Անոր իր ըրածին պէս ըրէ՛ք։
16 Բաբելոնէն սերմանողը ու հունձքի ժամանակ մանգաղ բռնողը կոտորեցէ՛ք.
Բռնաւորին սուրին երեսէն
Ամէն մարդ իր ժողովուրդին պիտի դառնայ
Ու ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
17 «Իսրայէլ մոլորեալ ոչխար մըն է,
Առիւծներէն հալածուած.
Նախ Ասորեստանի թագաւորը զանիկա կերաւ
Ու ետքը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը անոր ոսկորները կրծեց։
18 Ասոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
‘Ահա ես Բաբելոնի թագաւորին ու անոր երկրին վրայ պատուհաս պիտի բերեմ,
Ինչպէս Ասորեստանի թագաւորին ըրի։
19 Եւ Իսրայէլը իր բնակարանը պիտի դարձնեմ
Ու Կարմեղոսի եւ Բասանի մէջ պիտի արածի
Ու անոր հոգին Եփրեմի լերանը վրայ
Ու Գաղաադի վրայ պիտի կշտանայ’։
20 Այն օրերն ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը,
Իսրայէլի մէջ անօրէնութիւն պիտի փնտռուի,
Բայց անօրէնութիւն պիտի չըլլայ
Եւ Յուդայի մէջ մեղքեր պիտի փնտռուին,
Բայց պիտի չգտնուին.
Վասն զի պիտի ներեմ անոնց մեղքը, որոնք իբր մնացորդ պահած եմ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ
21 Մերաթայիմի երկրին վրայ
Եւ Փակուդի բնակիչներուն վրայ ելի՛ր,
Զանոնք աւերէ՛
Ու նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛, կ’ըսէ Տէրը
Եւ քեզի պատուիրածիս պէս ըրէ՛։
22 Երկրին մէջ պատերազմի ձայն
Ու մեծ կոտորած կայ։
23 Բոլոր երկրին մուրճը ի՜նչպէս կոտրուեցաւ ու փշրուեցաւ։
Բաբելոն ազգերուն մէջ ի՜նչպէս աւերակ եղաւ։
24 Քեզի որոգայթ լարեցի ու բռնուեցար, ո՛վ Բաբելոն,
Բայց դուն չգիտցար։
Գտնուեցար ու ձեռքը անցար,
Վասն զի Տէրոջը դէմ մաքառեցար։
25 Տէրը իր զինարանը բացաւ
Ու իր բարկութեան զէնքերը հանեց,
Քանզի Քաղդէացիներու երկրին մէջ
Զօրքերու Տէր Եհովան կատարելիք գործ մը ունի։
26 Երկրի ծայրէն անոր վրայ եկէ՛ք,
Անոր շտեմարանները բացէ՛ք,
Զանիկա շեղջերու պէս դիզեցէ՛ք
Ու նզովուածի պէս զանիկա բնաջինջ ըրէ՛ք.
Անկէ մնացորդ մի՛ թողուք։
27 Անոր բոլոր զուարակները կորսնցուցէ՛ք,
Թող անոնք սպանդանոցը իջնեն։
Վա՜յ անոնց, քանզի անոնց օրը,
Անոնց պատուհասի ժամանակը հասած է։
28 Բաբելոնի երկրէն փախչողներուն ու ազատուածներուն ձայնը կու գայ,
Որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն վրէժխնդրութիւնը,
Անոր տաճարին վրէժխնդրութիւնը, Սիօնի մէջ պատմէ։
29 «Բաբելոնի վրայ աղեղնաւորներ կանչեցէ՛ք.
Ո՛վ բոլոր աղեղ լարողներ,
Անոր բոլորտիքը բանակեցէ՛ք.
Չըլլայ թէ մարդ մը ազատի։
Անոր իր գործերուն համեմատ հատուցում ըրէք։
Անոր իր ամէն ըրածին պէս ըրէ՛ք.
Վասն զի անիկա Տէրոջը դէմ՝
Իսրայէլի Սուրբին դէմ՝ հպարտացաւ։
30 Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան
Եւ անոր բոլոր պատերազմիկները
Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։
31 «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ հպարտ,
Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան,
Քանզի քու օրդ, քեզ պատուհասելու ժամանակը հասած է։
32 Հպարտը գլորուելով պիտի իյնայ
Ու մէ՛կը պիտի չըլլայ, որ զանիկա վերցնէ։
Անոր քաղաքներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ,
Որ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը ուտէ»։
33 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները մէկտեղ զրկանք կրեցին
Ու անոնց բոլոր գերեվարները զանոնք բռնեցին
Ու չեն ուզեր զանոնք արձակել։
34 Անոնց Փրկիչը զօրաւոր է,
Անոր անունը Զօրքերու Տէր է.
Անիկա անշուշտ անոնց դատին ջատագով պիտի ըլլայ,
Որպէս զի երկրին հանգստութիւն տայ
Ու Բաբելոնի բնակիչները խռովեցնէ։
35 Տէրը կ’ըսէ թէ Քաղդէացիներուն վրայ
Ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ
Եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր պիտի գայ։
36 Ստախօսներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի խենթենան։
Անոր կտրիճներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի զարհուրին։
37 Անոր ձիերուն ու կառքերուն վրայ
Եւ անոր մէջ եղող բոլոր խառնիճաղանճ բազմութեանը վրայ սուր պիտի գայ
Ու կիներու պէս պիտի ըլլան։
Անոր գանձերուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի յափշտակուին։
38 Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին։
Քանզի անիկա կուռքերու երկիր է
Ու իրենց կուռքերովը կը յիմարանան։
39 Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին
Ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին։
Եւ հոն անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի
Ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ։
40 Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին
Եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն պէս, կ’ըսէ Տէրը,
Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի
Եւ անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։
41 «Ահա հիւսիսէն ժողովուրդ մը պիտի գայ
Ու մեծ ազգ մը եւ շատ թագաւորներ
Երկրի ծայրերէն պիտի արթննան։
42 Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն,
Անոնք անգութ ու անողորմ են։
Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ
Եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն
Ու պատերազմող մարդու պէս
Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Բաբելոնի աղջիկ։
43 Երբ Բաբելոնի թագաւորը այս լուրը լսեց,
Անոր ձեռքերը թուլցան.
Նեղութիւնը շրջապատեց զանիկա
Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։
44 Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ
Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն։
Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանոնք։
Ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ.
Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ։
Ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի.
Ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։
45 Անոր համար Բաբելոնի վրայով ունեցած Տէրոջը խորհուրդը
Ու Քաղդէացիներու երկրին վրայ ունեցած մտածումը լսեցէ՛ք.
Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք.
Անշուշտ անոնց բնակարանները իրենց հետ պիտի աւերէ։
46 Բաբելոնի առնուելու ձայնէն երկիրը կը շարժի
Ու ազգերուն մէջ աղաղակ կը լսուի»։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՆԱՉԱՌ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
51 1 Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես Բաբելոնի վրայ
Ու իմ թշնամիներուս մէջտեղ բնակողներուն վրայ
Ապականիչ հով մը պիտի հանեմ։
2 Բաբելոնի վրայ հոսողներ պիտի ղրկեմ
Ու զանիկա պիտի հոսեն եւ անոր երկիրը պիտի պարպեն։
Վասն զի պատուհասին օրը անոր վրայ ամէն կողմէն պիտի գան։
3 Աղեղնաւորը պիտի լարէ իր աղեղը աղեղնաւորին դէմ
Ու իր զրահը՝ հպարտացողին դէմ։
Անոր երիտասարդներուն մի՛ խնայէք,
Անոր բոլոր զօրքը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛ք։
4 Քաղդէացիներուն երկրին մէջ սպաննուածներ
Եւ անոր հրապարակներուն մէջ խոցոտուածներ պիտի իյնան։
5 Քանզի Իսրայէլն ու Յուդան իրենց Աստուծմէն՝
Զօրքերու Տէրոջմէն՝ չմերժուեցան,
Թէպէտեւ իրենց երկիրը Իսրայէլի Սուրբին դէմ
Յանցանքով լեցուեցաւ։
6 «Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք։
Ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ,
Որպէս զի անոր անօրէնութիւնովը չկործանիք.
Քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է,
Ինք անոր հատուցում պիտի ընէ։
7 Բաբելոն Տէրոջը ձեռքին մէջ
Բոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ մը եղաւ.
Անոր գինիէն ազգերը խմեցին,
Ատոր համար ազգերը յիմարացան։
8 Բաբելոն յանկարծ ինկաւ կոտրեցաւ,
Անոր վրայ ողբացէ՛ք.
Անոր վէրքին համար բալասան առէ՛ք,
Թերեւս բժշկութիւն գտնէ։
9 Բաբելոնին դեղ ըրինք, բայց բժշկութիւն չգտաւ.
Զանիկա թողուցէ՛ք ու մեզմէ իւրաքանչիւրը իր երկիրը թող երթայ.
Վասն զի անոր դատաստանը մինչեւ երկինք հասաւ
Ու մինչեւ ամպերը ելաւ։
10 Տէրը մեր արդարութիւնը երեւան հանեց։
Եկէ՛ք ու Սիօնի մէջ
Մեր Տէր Աստուծոյն գործը պատմենք։
11 Նետերը փայլեցուցէ՛ք, վահանները առէ՛ք.
Տէրը Մարերու թագաւորներուն հոգին արթնցուց,
Քանզի Տէրը խորհեցաւ, որ Բաբելոնը բնաջնջէ։
Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնը,
Իր տաճարին վրէժխնդրութիւնն է։
12 Բաբելոնի պարիսպներուն դէմ դրօշակ վերցուցէ՛ք,
Պահապան զօրքը ուժովցուցէ՛ք,
Դէտեր կարգեցէ՛ք, դարաններ պատրաստեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը որոշեց
Եւ Բաբելոնի բնակիչներուն համար որոշածը գործադրեց։
13 Ո՛վ շատ ջուրերու քով բնակող ու շատ գանձեր ունեցող,
Քու վախճանդ հասաւ ու քու ագահութեանդ չափը լեցուեցաւ»։
14 Զօրքերու Տէրը իր անձին վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով.
‘Անշուշտ քեզ մարախի բազմութեանը չափ մարդոցմով պիտի լեցնեմ,
Որոնք քու վրադ բարձր ձայնով պիտի պոռան’։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
15 Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց։
Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։
Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։
16 Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։
Երկրի ծայրերէն շոգի կը հանէ,
Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ
Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։
17 Ամէն մարդ գիտութենէ զրկուած՝ անասուն դարձաւ,
Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ,
Վասն զի իր ձուլած կուռքը ստութիւն է։
Անոնք հոգի չունին,
18 Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են.
Իրենց պատուհասի ատեն անոնք պիտի կորսուին։
19 Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ,
Վասն զի ամենուն Ստեղծողն է անոր բաժինը
Ու Իսրայէլ անոր ժառանգութեան վիճակն է
Եւ անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։
20 «Դուն՝ իմ կռանս, պատերազմական գործիքս ես։
Քեզմով ազգեր պիտի կոտորեմ։
Ու քեզմով թագաւորութիւններ պիտի աւերեմ։
21 Ձին ու անոր հեծեալը քեզմով պիտի կոտորեմ,
Կառքն ու կառավարը քեզմով պիտի կոտրտեմ,
22 Քեզմով մարդն ու կինը պիտի կոտորեմ,
Քեզմով ծերն ու երիտասարդը պիտի կոտորեմ։
Կտրիճը եւ կոյսը քեզմով պիտի կոտորեմ։
23 Հովիւը եւ անոր հօտը քեզմով պիտի կոտորեմ,
Երկրագործն ու անոր եզներուն զոյգը քեզմով պիտի կոտորեմ,
Կուսակալներն ու նախարարները քեզմով պիտի կոտորեմ։
24 «Եւ Բաբելոնի ու Քաղդէացիներու երկրին բոլոր բնակիչներուն
Պիտի հատուցանեմ իրենց բոլոր չարութիւնը,
Ինչպէս ձեր աչքերուն առջեւ Սիօնին ըրին, կ’ըսէ Տէրը։
25 «Ո՛վ բոլոր երկիրը աւերող ապականիչ լեռ,
Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը,
Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ,
Քեզ ժայռերէն վար պիտի գլորեմ։
Քեզ այրած լեռ պիտի ընեմ
26 Ու քեզմէ անկեան քար եւ հիմի քար պիտի չառնեն,
Քանզի յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլաս», կ’ըսէ Տէրը։
27 Երկրին մէջ դրօշակ բարձրացուցէ՛ք,
Ազգերուն մէջ փող հնչեցուցէ՛ք,
Անոր դէմ ազգեր պատրաստեցէք,
Անոր վրայ Արարատի, Միննիի
Ու Ասքանազի թագաւորութիւնները կանչեցէ՛ք,
Անոր վրայ զօրապետներ դրէ՛ք,
Մազոտ մարախներու պէս ձիեր հանեցէ՛ք.
28 Անոր վրայ ազգեր, Մարերու թագաւորները,
Անոնց կուսակալներն ու բոլոր նախարարները
Եւ անոնց հպատակ երկիրը պատրաստեցէ՛ք։
29 Երկիրը պիտի դողայ ու նեղութիւն պիտի կրէ,
Վասն զի Բաբելոնի համար Տէրոջը խորհուրդները պիտի հաստատուին,
Բաբելոնի երկիրը անբնակ ու ամայի ընելու համար։
30 Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան
Եւ բերդերու մէջ բնակեցան.
Ուժերնին հատաւ, կիներու պէս եղան։
Անոր բնակարանները այրուեցան, անոր նիգերը կոտրուեցան։
31 Սուրհանդակը սուրհանդակի հանդիպելու
Ու լրաբերը լրաբերի հանդիպելու պիտի վազէ,
Բաբելոնի թագաւորին պատմելու համար
Թէ անոր քաղաքը մէկ ծայրէն առնուեցաւ,
32 Թէ անցքերը բռնուեցան,
Եղէգները կրակով այրուեցան,
Պատերազմիկները զարհուրեցան։
33 Ահա զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ.
«Բաբելոնի աղջիկը կալի պէս է.
Անոր ծեծուելու ատենն է.
Քիչ ատենէն ետքը անոր հունձքին ժամանակը պիտի գայ»։
34 «Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը
Զիս կերաւ, զիս բնաջինջ ըրաւ,
Զիս պարապ ամանի պէս ըրաւ,
Վիշապի պէս զիս կլլեց,
Իմ փափկութիւններէս իր փորը կշտացուց,
Զիս դուրս նետեց»։
35 Սիօնի բնակիչը պիտի ըսէ.
‘Ինծի ու իմ մարմնիս եղած զրկանքը Բաբելոնի վրայ ըլլայ’»։
Ու Երուսաղէմ պիտի ըսէ.
«Իմ արիւնս Քաղդէացիներուն երկրին բնակիչներուն վրայ ըլլայ»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ
36 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես քու դատիդ պաշտպան պիտի կանգնիմ,
Քեզի համար վրէժխնդիր պիտի ըլլամ,
Անոր ծովը պիտի ցամքեցնեմ,
Անոր աղբիւրը պիտի չորցնեմ։
37 Բաբելոն աւերակի դէզեր,
Չագալներու բնակարան,
Զարմանքի եւ սուլելու ենթակայ պիտի ըլլայ։
Հոն մարդ պիտի չբնակի։
38 «Անոնք առոյգ առիւծներու պէս մէկտեղ պիտի մռնչեն
Եւ կորիւններու պէս պիտի մրմռան։
39 Երբ անոնք գինիէն տաքնան, անոնց կոչունք պիտի ընեմ
Ու զանոնք պիտի գինովցնեմ, որպէս զի զուարթանան
Եւ յաւիտենական քունով քնանան
Ու չարթննան», կ’ըսէ Տէրը։
40 «Զանոնք սպանդանոցը պիտի իջեցնեմ գառնուկներու պէս
Կամ խոյերու պէս՝ նոխազներու հետ»։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
41 «Ի՜նչպէս առնուեցաւ Սիսակը
Ու բոլոր երկրի պարծանքը բռնուեցաւ.
Բաբելոն ի՜նչպէս աւերակ եղաւ ազգերուն մէջ։
42 Ծովը Բաբելոնի վրայ ելաւ,
Անոր ալիքներուն շատութենէն ծածկուեցաւ ան։
43 Անոր քաղաքները աւերակ,
Անջրդի երկիր ու անապատ եղան։
Այնպիսի երկիր մը եղան, ուր մարդ չի բնակիր
Ու անկէ մարդու զաւակ չ’անցնիր։
44 Բաբելոնի մէջ Բէլը պիտի պատժեմ
Ու անոր բերնէն՝ իր կլլածը պիտի հանեմ
Ու անգամ մըն ալ ազգեր անոր պիտի չդիմեն։
Բաբելոնի պարիսպն ալ պիտի փլչի։
45 «Անոր մէջէն ելէ՛ք, ո՛վ իմ ժողովուրդս
Եւ ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ
Տէրոջը սաստիկ բարկութենէն։
46 Չըլլայ թէ երկրին մէջ տարածուած լուրէն
Ձեր սիրտը թուլնայ ու վախնաք,
Երբ մէկ տարուան մէջ լուր մը,
Հետեւեալ տարուան մէջ ուրիշ լուր մը գայ,
Երկրին մէջ բռնութիւն ըլլայ,
Իշխան իշխանի դէմ ելլէ։
47 «Անոր համար ահա օրեր կու գան,
Երբ Բաբելոնի կուռքերը պիտի պատժեմ.
Անոր բոլոր երկիրը պիտի ամչնայ,
Անոր բոլոր սպաննուածները անոր մէջ պիտի իյնան։
48 Այն ատեն երկինք ու երկիր եւ բոլոր անոնց մէջ եղածը
Բաբելոնի վրայ պիտի խնդան,
Վասն զի աւերողները հիւսիսէն պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը։
49 Ինչպէս Բաբելոն Իսրայէլի սպաննուածները վար ձգեց,
Այնպէս Բաբելոնի մէջ բոլոր երկրին սպաննուածները պիտի իյնան»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
50 «Ո՛վ սուրէ ազատուածներ, գացէ՛ք, մի՛ կենաք,
Հեռուէն Տէրը յիշեցէ՛ք
Ու Երուսաղէմ ձեր միտքը թող գայ։
51 «Նախատինքներուն համար ամչցանք.
Ամօթը մեր երեսը ծածկեց,
Քանզի Տէրոջը տանը սրբարաններուն մէջ օտարազգիներ մտան։
52 Անոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ անոր կուռքերը պիտի պատժեմ
Եւ անոր բոլոր երկրին մէջ վիրաւորներ պիտի հեծեն։
53 Թէեւ Բաբելոն մինչեւ երկինք ելլէ
Ու իր զօրութիւնը բարձրութեան մէջ հաստատէ,
Իմ կողմէ աւերողներ պիտի գան անոր», կ’ըսէ Տէրը։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՒԵՐՈՒՄԸ
54 Բաբելոնէն աղաղակի ձայն
Ու Քաղդէացիներու երկրէն մեծ կոտորածի ձայն կու գայ։
55 Քանզի Տէրը Բաբելոնը կ’աւերէ
Ու անոր մեծ ձայնը կը խափանէ.
Որովհետեւ անոնց ալիքները շատ ջուրերու պէս կը գոռան
Եւ անոնց ձայնը աղմուկի փոխուած է։
56 Քանզի Բաբելոնի վրայ աւերող մը եկաւ
Ու անոր զօրաւորները առնուեցան,
Անոնց աղեղները կոտրուեցան,
Քանզի Տէրը հատուցանող Աստուած ըլլալուն՝
Անշուշտ հատուցում պիտի ընէ։
57 Անոր իշխաններն ու իմաստունները,
Կուսակալներն ու նախարարները
Եւ զօրաւոր մարդիկը պիտի գինովցնեմ
Ու անոնք յաւիտենական քունով պիտի քնանան
Ու պիտի չարթննան», կ’ըսէ այն Թագաւորը
Որուն անունը Զօրքերու Տէր է։
58 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Բաբելոնի լայն պարիսպները բոլորովին պիտի փլին,
Անոր բարձր դռները կրակով պիտի այրին։
Ժողովուրդները պարապ տեղը
Ու ազգերը կրակի համար պիտի աշխատին ու յոգնին։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻ
59 Այս խօսքն է որ Երեմիա մարգարէն պատուիրեց Մաասիայի որդիին Ներիայի որդիին Սարայիային, երբ անիկա Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին կողմէ, անոր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, Բաբելոն գնաց ու Սարայիան գլխաւոր սենեկապետն էր։ 60 Վասն զի Երեմիա Բաբելոնի վրայ գալու ամէն չարիքները գրքի մէջ գրեց, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, որ Բաբելոնի դէմ ըսուած են։ 61 Երեմիա Սարայիային ըսաւ. «Երբ Բաբելոն երթաս, նայէ՛ ու կարդա՛ այս բոլոր խօսքերը 62 Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Տէր, դուն այս տեղին համար ըսիր, թէ զանիկա պիտի աւերես ու մարդէ մինչեւ անասուն անոր մէջ բնակիչ պիտի չմնայ, հապա յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ’»։ 63 Երբ այս գիրքը կարդաս լմնցնես, անոր վրայ քար մը կապէ ու զանիկա Եփրատի մէջ նետէ 64 Ու ըսէ՛. «Այսպէս պիտի ընկղմի Բաբելոն ու անգամ մըն ալ պիտի չկանգնի՝ իմ անոր վրայ բերելու չարիքներուս պատճառով եւ անոնք պիտի յոգնին»։
Երեմիային խօսքերը մինչեւ հոս են։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԸ
(Դ. Թագ. 24։18–25։7)
52 1 Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր ու Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։ 2 Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ. 3 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ բորբոքեցաւ եւ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Անոր համար Սեդեկիան Բաբելոնի թագաւորէն ապստամբեցաւ։
4 Անոր թագաւորութեանը իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ եկաւ ու անոր դէմ բանակեցաւ եւ շուրջը պատնէշներ շինեցին 5 Ու մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնըմէկերորդ տարին քաղաքը պաշարուած էր։ 6 Չորրորդ ամսուն, ամսուան իննին, քաղաքին մէջ սաստիկ սով եղաւ ու ժողովուրդը հաց չունէր 7 Եւ քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ ու բոլոր պատերազմողները փախան եւ գիշերով թագաւորին պարտէզին մօտակայ երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայով քաղաքէն ելան։ Քաղդէացիները քաղաքին շուրջը կեցեր էին։ Փախստականները դաշտի ճամբայէն գացին։ 8 Քաղդէացիներու զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան։ Անոր բոլոր զօրքը իր քովէն ցրուեցան։ 9 Թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Բաբելոնի թագաւորին Ռեբղա տարին Եմաթի երկրին մէջ եւ անոր դատաստանը տեսաւ։ 10 Բաբելոնի թագաւորը Սեդեկիային տղաքները անոր աչքերուն առջեւ մորթեց եւ Յուդայի բոլոր իշխաններն ալ Ռեբղայի մէջ մորթեց 11 Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց։ Բաբելոնի թագաւորը զանիկա Բաբելոն տարաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բանտի մէջ պահեց։
ՏԱՃԱՐԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
12 Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տասնըիններորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան տասին Բաբելոնի թագաւորին առջեւ կայնող Նաբուզարդան դահճապետը Երուսաղէմ մտաւ 13 Ու Տէրոջը տունը եւ թագաւորին տունը այրեց ու Երուսաղէմի բոլոր տուները ու բոլոր մեծ տուները կրակով այրեց։ 14 Դահճապետին հետ եղող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ բոլոր պարիսպները փլցուցին։ 15 Ժողովուրդին աղքատներէն մաս մը, քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդին մնացորդը ու Բաբելոնի թագաւորին բռնած փախստականները ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ։ 16 Բայց Նաբուզարդան դահճապետը երկրին աղքատներէն մաս մը թողուց իբր այգեգործներ ու երկրագործներ։
17 Քաղդէացիները Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւներն ու մեքենովթները ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին ու անոնց բոլոր պղինձը Բաբելոն տարին։ 18 Եւ թաղարներն ու թիակները եւ բազմակալներն ու կոնքերը եւ խնկամաններն ու պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին։ 19 Գաւաթներն ու բուրվառները եւ կոնքերն ու թաղարները եւ աշտանակներն ու խնկամանները եւ բաժակները առաւ դահճապետը՝ ինչ որ ոսկիէ էր՝ իբրեւ ոսկի ու ինչ որ արծաթէ էր՝ իբրեւ արծաթ։ 20 Նաեւ Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու մեքենովթներուն տակ եղած տասներկու պղնձէ եզները, բոլոր այս գործիքներուն պղինձին կշիռքը անհաշիւ էր։ 21 Սիւներէն մէկուն բարձրութիւնը տասնըութը կանգուն էր ու անոր շրջապատը տասներկու կանգուն էր։ Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր ու մէջը պարապ էր։ 22 Անոր վրայ պղնձէ խոյակ մը կար։ Մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր եւ խոյակին շուրջը ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային։ Բոլորն ալ պղնձէ էին։ Միւս սիւնն ալ նուռերով այնպէս էր։ 23 Նուռերը ամէն կողմէն իննիսունըվեց հատ էին ու ցանցակերպ զարդին շուրջի բոլոր նուռերը հարիւր հատ էին։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
(Դ. Թագ. 25։18-21, 27-30)
24 Դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու դրան երեք պահապանները առաւ 25 Եւ քաղաքէն ներքինի մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր ու քաղաքին մէջ գտնուած՝ թագաւորին առջեւ կեցողներէն եօթը մարդ ու երկրին ժողովուրդը զինուորագրող մեծ գրագիրը եւ քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ։ 26 Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք առաւ ու Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ։ 27 Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ մեռցուց Եմաթի երկրին Ռեբղայի մէջ։ Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ։
28 Նաբուգոդոնոսորի գերի քշած ժողովուրդը ասիկա է։ Եօթներորդ տարին երեք հազար քսանըերեք Հրեայ. 29 Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին՝ Երուսաղէմէն ութ հարիւր երեսունըերկու հոգի. 30 Նաբուգոդոնոսորի քսանըերեքերորդ տարին Նաբուզարդան դահճապետը Հրեաներէն եօթը հարիւր քառասունըհինգ հոգի գերի քշեց. ամէնքը չորս հազար վեց հարիւր հոգի եղան։
31 Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթներորդ տարուան տասներկրորդ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց։ 32 Անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ. 33 Անոր բանտի լաթերը փոխեց ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր հետ հաց կ’ուտէր։ 34 Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ մինչեւ անոր մահուան օրը Բաբելոնի թագաւորին կողմէ ամէն օր անոր կը տրուէր։