ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱԶԳԱՏՈՀՄԸ

(Ղուկ. 3։23-38)

1 1 Գիրք ծնունդին Յիսուսի Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին։

Աբրահամ ծնաւ Իսահակը. Իսահակ ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յուդան ու անոր եղբայրները. Յուդա ծնաւ Փարէսը ու Զարան Թամարէն. Փարէս ծնաւ Եսրոնը. Եսրոն ծնաւ Արամը. Արամ ծնաւ Ամինադաբը. Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը. Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը. Սաղմոն ծնաւ Բոոսը Ռախաբէն. Բոոս ծնաւ Ովբէդը Հռութէն. Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն. Յեսսէ ծնաւ Դաւիթ թագաւորը. Դաւիթ թագաւորը ծնաւ Սողոմոնը Ուրիայի կնոջմէն. Սողոմոն ծնաւ Ռոբովամը. Ռոբովամ ծնաւ Աբիան. Աբիա ծնաւ Ասան. Ասա ծնաւ Յովսափատը. Յովսափատ ծնաւ Յովրամը. Յովրամ ծնաւ Ոզիան. Ոզիա ծնաւ Յովաթամը. Յովաթամ ծնաւ Աքազը, Աքազ ծնաւ Եզեկիան. 10 Եզեկիա ծնաւ Մանասէն. Մանասէ ծնաւ Ամոնը. 11 Ամոն ծնաւ Յովսիան. Յովսիա ծնաւ Յեքոնիան ու անոր եղբայրները Բաբելոնեան գերութեան ատենները. 12 Բաբելոն գերութեան երթալէն յետոյ Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը. 13 Սաղաթիէլ՝ Զօրաբաբէլը. Զօրաբաբէլ ծնաւ Աբիուդը. Աբիուդ ծնաւ Եղիակիմը. 14 Եղիակիմ ծնաւ Ազովրը. Ազովր ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Աքինը. Աքին ծնաւ Եղիուդը. 15 Եղիուդ ծնաւ Եղիազարը. Եղիազար ծնաւ Մատթանը. 16 Մատթան ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յովսէփը՝ Մարիամին այրը, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս։ 17 Արդ բոլոր սերունդները Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ տասնըչորս սերունդ եւ Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնեան գերութիւնը տասնըչորս սերունդ ու Բաբելոնեան գերութենէն մինչեւ Քրիստոս տասնըչորս սերունդ։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

(Ղուկ. 2։1-7)

18 Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այս կերպով եղաւ։ Անոր մայրը Մարիամ Յովսէփին նշանուած, դեռ իրարու քով չեկած՝ Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ։ 19 Յովսէփ՝ անոր այրը՝ արդար մարդ ըլլալով ու չուզելով որ զանիկա խայտառակ ընէ, մտածեց որ ծածկաբար արձակէ զանիկա։ 20 Եւ երբ անիկա այս բանը կը մտածէր, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Յո՛վսէփ, Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ, վասն զի անոր ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է։ 21 Ան որդի մը պիտի ծնանի, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, քանզի անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։ 22 Այս ամէնը եղաւ, որպէս զի կատարուի Տէրոջմէն ըսուածը մարգարէին միջոցով, որ կ’ըսէ. 23 «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ»։ 24 Յովսէփ քունէն արթննալով՝ ինչպէս Տէրոջը հրեշտակը իրեն հրամայեց, այնպէս ըրաւ ու իր կինը քովն առաւ։ 25 Եւ չգիտցաւ զանիկա՝ մինչեւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ։ Անոր անունը Յիսուս դրաւ։

ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ

2 1 Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, Ու ըսին. «Ո՞ւր տեղ է ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ. վասն զի մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու»։ Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց, խռովեցաւ եւ բոլոր Երուսաղէմ իրեն հետ։ Ապա ժողվելով բոլոր քահանայապետները ու ժողովուրդին դպիրները, հարցուց անոնց թէ՝ Քրիստոսը ո՞ւր պիտի ծնանի։ Անոնք ալ իրեն ըսին. «Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ։ Վասն զի այսպէս գրուած է մարգարէին ձեռքով. ‘Դուն, Բե՛թլեհէմ, Յուդայի երկիր, Յուդայի իշխաններուն մէջ բնաւ պզտիկ մը չես. վասն զի քեզմէ իշխան մը պիտի ելլէ որ իմ Իսրայէլ ժողովուրդս պիտի հովուէ’»։ Այն ատեն Հերովդէս ծածկաբար մոգերը կանչեց ու ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ատենը։ Զանոնք Բեթլեհէմ ղրկելով՝ ըսաւ. «Գացէք ստոյգը իմացէք այն մանուկին վրայով ու երբ գտնէք, ինծի իմացուցէք, որպէս զի ես ալ երթամ, անոր երկրպագութիւն ընեմ»։ Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ տեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։ 10 Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։ 11 Տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ ու ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր՝ ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս։ 12 Ու երազի մէջ հրաման առնելով, որ նորէն Հերովդէսին չդառնան, ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը։

ՓԱԽՈՒՍՏ ԴԷՊԻ ԵԳԻՊՏՈՍ

13 Երբ անկէ գացին անոնք, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփին ու ըսաւ. «Ելի՛ր, առ մանուկը ու անոր մայրը ու Եգիպտոս փախիր, հոն կեցիր մինչեւ ես քեզի ըսեմ, քանզի Հերովդէս պիտի փնտռէ այդ մանուկը կորսնցնելու համար»։ 14 Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը գիշերով առաւ, գնաց Եգիպտոս եւ մինչեւ Հերովդէսի մահը հոն էր։ 15 Որպէս զի մարգարէին միջոցով Տէրոջմէն ըսուածը կատարուի, որ կ’ըսէ. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»։

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՋԱՐԴԸ

16 Երբ Հերովդէս տեսաւ թէ խաբուեցաւ մոգերէն, սաստիկ սրդողեցաւ ու ղրկեց ջարդեց Բեթլեհէմի եւ անոր ամէն սահմաններուն մէջ գտնուած բոլոր տղաքը՝ երկու տարեկան եւ անկէ վար, այն ժամանակին համեմատ որ մոգերէն ստուգեց։ 17 Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուածը, որ կ’ըսէ. «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, ողբ, լաց ու մեծ կոծ. 18 Ռաքէլ կու լար իր տղոցը համար ու չէր ուզեր մխիթարուիլ, վասն զի չկային»։

ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

19 Երբ Հերովդէս մեռաւ, Տէրոջը հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ Յովսէփին երեւցաւ ու ըսաւ. 20 «Ելի՛ր, ա՛ռ մանուկը ու անոր մայրը եւ գնա՛ Իսրայէլի երկիրը, քանզի մեռան անոնք որ մանուկին կեանքը կը փնտռէին»։ 21 Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը առաւ եւ դարձաւ Իսրայէլի երկիրը։ 22 Իսկ երբ լսեց թէ Արքեղայոս թագաւորեց Հրէաստանի վրայ՝ իր հօրը Հերովդէսին տեղ, վախցաւ հոն երթալու ու երազի մէջ պատգամ առնելով՝ Գալիլիայի կողմերը գնաց. 23 Եւ Նազարէթ ըսուած քաղաքը բնակեցաւ, որպէս զի մարգարէներուն խօսքը կատարուի՝ թէ ‘Նազովրեցի պիտի կոչուի’։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ

(Մարկ. 1։1-8, Ղուկ. 3։1-18, Յովհ. 1։19-28)

3 1 Այն օրերը Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ ու Հրէաստանի անապատին մէջ կը քարոզէր, Ու կ’ըսէր. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ Ասիկա ան է՝ որուն համար Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք»։ Յովհաննէսին հանդերձը ուղտի մազէ էր ու իր մէջքը կաշիէ գօտի ունէր եւ իր կերակուրը մարախ ու վայրենի մեղր էր։ Այն ատեն Երուսաղէմ եւ բոլոր Հրէաստան ու Յորդանանի բոլոր կողմերէն իրեն կու գային Եւ կը մկրտուէին իրմէ Յորդանանի մէջ ու իրենց մեղքերը կը խոստովանէին։ Երբ տեսաւ փարիսեցիներէն ու սադուկեցիներէն շատեր, որ իր մկրտութեանը եկած էին, ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։ Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք. Եւ մի՛ խորհիք դուք ձեր ներսիդին, թէ ‘Մենք մեզի հայր՝ Աբրահամը ունինք’. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։ 10 Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։ 11 Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար, բայց իմ ետեւէս եկողը ինձմէ զօրաւոր է։ Ես անոր կօշիկները կրելու արժանի չեմ։ Անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով ու կրակով. 12 Որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու իր ցորենը ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը պիտի այրէ չմարող կրակով»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

(Մարկ. 1։9-11, Ղուկ. 3։21-22)

13 Այն ատեն Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան եկաւ Յովհաննէսին, որպէս զի անկէ մկրտուի։ 14 Յովհաննէս կ’արգիլէր զանիկա ու կ’ըսէր. «Ինծի պէտք է որ քեզմէ մկրտուիմ ու դուն ինծի՞ կու գաս»։ 15 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Թող տուր հիմա, վասն զի այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք»։ Ետքը թող տուաւ անոր։ 16 Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ 17 Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ

(Մարկ. 1։12-13, Ղուկ. 4։1-13)

4 1 Այն ատեն Յիսուս անապատը տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէս զի Սատանայէն փորձուի։ Քառասուն ցորեկ ու քառասուն գիշեր ծոմ պահելէն ետքը անօթեցաւ։

Փորձողը անոր մօտենալով՝ ըսաւ. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ որ այս քարերը հաց ըլլան»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։

Այն ատեն Սատանան առաւ տարաւ զանիկա սուրբ քաղաքը եւ կայնեցուց զանիկա տաճարին աշտարակին վրայ Ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ, վասն զի գրուած է թէ Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ ձեռքերնուն վրայ վերցնեն քեզ, որպէս զի չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ գրուած է թէ՝ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։

Սատանան նորէն առաւ հանեց զանիկա խիստ բարձր լերան մը վրայ եւ ցուցուց անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը. Ու ըսաւ անոր. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես»։ 10 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «[Ետիս] գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ 11 Այն ատեն Սատանան զանիկա թողուց եւ հրեշտակները եկան ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէին։

ՅԻՍՈՒՍ ԳԱԼԻԼԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

(Մարկ. 1։14-15, Ղուկ. 4։14-15)

12 Երբ լսեց Յիսուս թէ Յովհաննէս մատնուեցաւ, ելաւ գնաց Գալիլիա 13 Ու ձգելով Նազարէթը, եկաւ բնակեցաւ Կափառնայում, ծովեզերեայ քաղաքը, Զաբուղոնի ու Նեփթաղիմի սահմաններուն մէջ 14 Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. 15 «Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը, ծովու ճամբով Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան. 16 Խաւարի մէջ նստող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ եւ լոյս ծագեցաւ անոնց՝ որոնք մահուան երկրին ու շուքին մէջ կը նստէին»։ 17 Անկէ յետոյ Յիսուս սկսաւ քարոզել ու ըսել. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։

ՅԻՍՈՒՍ ՉՈՐՍ ՁԿՆՈՐՍՆԵՐ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

(Մարկ. 1։16-20, Ղուկ. 5։1-11)

18 Երբ Յիսուս Գալիլիացիներուն ծովուն քովերը կը պտըտէր, տեսաւ երկու եղբայրներ, Պետրոս կոչուած Սիմոնը եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, որոնք ծովը ուռկան կը ձգէին, վասն զի ձկնորս էին։ 19 Ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ 20 Անոնք ալ շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։ 21 Անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ ուրիշ երկու եղբայրներ, Զեբեդեան Յակոբոսը ու անոր եղբայրը Յովհաննէսը, նաւին մէջ իրենց հօրը Զեբեդէոսի հետ, իրենց ուռկանները կը կարկտնէին ու կանչեց զանոնք. 22 Անոնք ալ շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։

ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ, ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ, ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Ղուկ. 6։17-19)

23 Յիսուս բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր։ 24 Անոր համբաւը բոլոր Սուրիա տարածուեցաւ եւ բերին անոր՝ բոլոր հիւանդները, որոնք կերպ կերպ ցաւերով ու տանջանքներով կը նեղուէին եւ դիւահարներ ու լուսնոտներ եւ անդամալոյծներ ու բժշկեց զանոնք։ 25 Եւ շատ ժողովուրդներ անոր ետեւէն կ’երթային, Գալիլիայէն ու Դեկապոլիսէն եւ Երուսաղէմէն ու Հրէաստանէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն։

ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԸ

5 1 Տեսնելով ժողովուրդը՝ լեռը ելաւ։ Երբ նստաւ հոն, իր աշակերտները քովը գացին. Իր բերանը բանալով կը սորվեցնէր անոնց ու կ’ըսէր,

ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

(Ղուկ. 6։20-23)

«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։ Երանի՜ սգաւորներուն, վասն զի անոնք պիտի մխիթարուին։ Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։ Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, վասն զի անոնք պիտի կշտանան։ Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։ Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած։ Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։ 10 Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։ 11 Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ 12 Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։

ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ

(Մարկ. 9։49, Ղուկ. 14։34-35)

13 «Դուք էք երկրի աղը։ Եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի։ Անկէ յետոյ բանի մը չի գար, միայն թէ դուրս ձգուելու եւ մարդոց ոտքով կոխկռտուելու։ 14 Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ 15 Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։ 16 Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՕՐԷՆՔԻ ՇՈՒՐՋ

17 «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։ 18 Քանզի ճշմարտապէս կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’։ 19 Ուստի ով որ այս ամենափոքր պատուիրանքներէն մէկը աւրէ ու մարդոց այնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ. բայց ով որ ընէ եւ սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ։ 20 Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը»։

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

21 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սպանութիւն մի՛ ըներ։ Ով որ սպանութիւն ընէ, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ’։ 22 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Յիմար ըսէ, ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ’։ 23 Ուրեմն եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, 24 Հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես։ 25 Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ, քանի որ անոր հետ ճամբուն մէջ ես։ Չըլլայ թէ քու ոսոխդ քեզ դատաւորին մատնէ եւ դատաւորը դահիճին եւ բանտը ձգուիս։ 26 Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Պիտի չելլես անկէ՝ մինչեւ որ վերջին նաքարակիտը չվճարես’»։

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՇՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

27 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ, ‘Շնութիւն մի՛ ըներ’, 28 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’։ 29 Արդ եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի։ 30 Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի ու քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի»։

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

(Մատթ. 19։9, Մարկ. 10։11-12, Ղուկ. 16։18)

31 «Իրաւ, ըսուեցաւ թէ ‘Ով որ իր կինը կ’արձակէ, թող անոր արձակման թուղթ տայ’. 32 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր կինը արձակէ, առանց պոռնկութեան պատճառի, ինք պատճառ կ’ըլլայ անոր շնութիւն ընելուն եւ ով որ այն արձակուածը առնէ, շնութիւն կը գործէ’»։

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԵՐԴՈՒՄԻ ՇՈՒՐՋ

33 «Դարձեալ լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը’։ 34 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամենեւին երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ՝ որ Աստուծոյ աթոռն է 35 Եւ ո՛չ ալ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ ալ Երուսաղէմի վրայ՝ որ մեծ Թագաւորին քաղաքն է, 36 Ոչ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ընես, վասն զի չես կրնար մէկ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել։ 37 Հապա ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ’»։

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՎՐԷԺԻ ՇՈՒՐՋ

(Ղուկ. 6։29-30)

38 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ. ‘Աչքի տեղ՝ աչք ու ակռայի տեղ՝ ակռայ’։ 39 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Չարին հակառակ մի՛ կենար, հապա եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ։ 40 Եթէ մէկը ուզէ քեզի հետ դատ վարել ու քու շապիկդ առնել, թող տուր անոր քու վերարկուդ ալ։ 41 Եւ ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա՛ անոր հետ երկու։ 42 Քեզմէ ուզողին տուր ու երես մի՛ դարձներ անկէ՝ որ կ’ուզէ քեզմէ փոխ առնել’»։

ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ՍԻՐԵԼ

(Ղուկ. 6։27-28, 32-36)

43 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ. ‘Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես’։ 44 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. 45 Որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ 46 Վասն զի եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն կ’ունենաք. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։ 47 Եւ եթէ միայն ձեր եղբայրներուն բարեւ տաք, ի՞նչ աւելի կ’ընէք ուրիշներէն. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։ 48 Ուրեմն դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է’»։

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

6 1 «Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ չընէք՝ անոնց երեւնալու համար, եթէ ոչ՝ վարձք չէք առներ ձեր Հօրմէն որ երկինքն է։ Ուստի երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին. ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։ Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ’ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ տալը, Որպէս զի քու ողորմութիւնդ գաղտուկ ըլլայ եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ»։

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԱՂՕԹՔԻ ՇՈՒՐՋ

(Ղուկ. 11։2-4)

«Ու երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երեւնան. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան։ Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։ Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին։ Ուրեմն անոնց մի՛ նմանիք, վասն զի ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած։ Ուստի այսպէս աղօթք ըրէք դուք.

‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. 10 Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ. 11 Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր, 12 Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն. 13 Ու մեզ փորձութեան մի՛ տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ. քանզի քուկդ է թագաւորութիւնը եւ զօրութիւնը ու փառքը յաւիտեանս։ Ամէն’։

14 Վասն զի եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. 15 Իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

16 «Երբ ծոմ կը պահէք, կեղծաւորներուն պէս տրտումերես մի՛ ըլլաք. քանզի իրենց երեսները կ’աւրեն որպէս զի մարդոց երեւնան թէ ծոմ կը պահեն. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։ 17 Բայց դուն երբ ծոմ կը պահես, գլուխդ օծէ ու երեսդ լուա, 18 Որպէս զի մարդոց ծոմ պահողի պէս չերեւնաս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի։ Քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի հատուցում պիտի ընէ»։

ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԳԱՆՁԵՐ

(Ղուկ. 12։33-34)

19 «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. 20 Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։ 21 Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։

ՄԱՐՄՆԻՆ ՃՐԱԳԸ

(Ղուկ. 11։33-36)

22 «Մարմնին ճրագը աչքն է, ուրեմն եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ։ 23 Բայց եթէ քու աչքդ վատ է, բոլոր մարմինդ մութ կ’ըլլայ. ուրեմն եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է, ալ այն խաւարը ո՜րչափ է»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՍՏԱՑՈՒԱԾՔ

(Ղուկ. 16։13, 12։22-31)

24 «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային։ 25 Ուստի կ’ըսեմ ձեզի. ‘Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն։ 26 Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք։ 27 Հիմա ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ 28 Ու հագուստի համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք. նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. 29 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ 30 Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ 31 Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք»։ 32 Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ 33 Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։ 34 Ուստի վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը’»։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԴԱՏԵԼ

(Ղուկ. 6։37-38, 41-42)

7 1 «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։ Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու»։

«Սուրբ բանը շուներուն մի՛ տաք եւ ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ ձգէք, որպէս զի ոտքերնուն տակ չկոխկռտեն զանոնք ու դառնան ձեզ պատառեն»։

ԽՆԴՐԵԼ, ՓՆՏՌԵԼ, ԶԱՐՆԵԼ

(Ղուկ. 11։9-13)

«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։ Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ՝ որմէ եթէ իր որդին հաց ուզէ, ինք քար տայ անոր, 10 Եւ կամ եթէ ձուկ ուզէ, օձ տայ անոր։ 11 Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։

12 «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։

ՆԵՂ ԴՈՒՌԸ

(Ղուկ. 13։24)

13 «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ 14 Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։

ԾԱՌԸ ԵՒ ԻՐ ՊՏՈՒՂԸ

(Ղուկ. 6։43, 44)

15 «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ 16 Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։ 17 Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։ 18 Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։ 19 Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։ 20 Ուրեմն իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։

ՁԵԶ ԵՐԲԵՔ ՉԵՄ ՃԱՆՉՆԱՐ

(Ղուկ. 13։25-27)

21 «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։ 22 Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։ 23 Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք»։

ԵՐԿՈՒ ՏՈՒՆ ՇԻՆՈՂՆԵՐԸ

(Ղուկ. 6։47-49)

24 «Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։ 25 Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։ 26 Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։ 27 Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին եւ զարկին այն տանը ու փլաւ։ Մեծ էր անոր կործանումը»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

28 Ու երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։ 29 Վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս։

ՅԻՍՈՒՍ ԲՈՐՈՏ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մարկ. 1։40-45, Ղուկ. 5։12-16)

8 1 Երբ լեռնէն վար իջաւ, շատեր գացին անոր ետեւէն։ Ահա բորոտ մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Շուտ մը անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Զգոյշ կեցիր, մարդո՛ւ չըսես, հապա գնա՛, քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրած ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։

ՀԱՐԻՒՐԱՊԵՏԻՆ ԾԱՌԱՅԻՆ ԲԺՇԿՈՒԻԼԸ

(Ղուկ. 7։1-10)

Երբ Կափառնայում մտաւ, հարիւրապետ մը եկաւ քովը, կ’աղաչէր անոր, Ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, ծառաս տունը անդամալոյծ պառկած չարաչար կը տանջուի»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես կու գամ ու զանիկա կը բժշկեմ»։ Հարիւրապետը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես. միայն խօսքով հրամայէ ու իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ մարդ եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’, ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, ու կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’, ու կ’ընէ»։ 10 Յիսուս երբ լսեց, զարմացաւ եւ իր ետեւէն գացողներուն ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ։ 11 Ձեզի կ’ըսեմ թէ արեւելքէն ու արեւմուտքէն շատեր պիտի գան ու երկնքի թագաւորութեանը մէջ պիտի բազմին Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին հետ. 12 Իսկ թագաւորութեանը որդիները դուրսի խաւարը պիտի հանուին. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել» 13 Յիսուս հարիւրապետին ըսաւ. «Գնա՛ ու ինչպէս դուն հաւատացիր, այնպէս թող ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր ծառան բժշկուեցաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մարկ. 1։29-34, Ղուկ. 4։38-40)

14 Յիսուս Պետրոսի տունը գալով, տեսաւ որ անոր զոքանչը ջերմէն բռնուած՝ պառկած էր։ 15 Անոր ձեռքէն բռնեց ու ջերմը թող տուաւ զանիկա։ Ան ալ ոտքի ելաւ եւ անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։ 16 Երբ իրիկուն եղաւ, շատ դիւահարներ բերին անոր։ Խօսքով հանեց չար ոգիները եւ բոլոր հիւանդները բժշկեց. 17 Որպէս զի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը կատարուի. «Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԻՆՔՆԱԿՈՉ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ

(Ղուկ. 9։57-62)

18 Յիսուս իր բոլորտիքը շատ ժողովուրդ տեսնելով, հրաման ըրաւ որ միւս կողմը երթան։ 19 Դպիր մը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ես քու ետեւէդ պիտի գամ ուր որ երթաս»։ 20 Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։ 21 Ուրիշ մը, որ անոր աշակերտներէն էր, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր, որ երթամ առաջ իմ հայրս թաղեմ»։ 22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եկուր իմ ետեւէս ու թող տուր մեռելներուն, որ թաղեն իրենց մեռելները»։

ՅԻՍՈՒՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԵՑՆԷ

(Մարկ. 4։35-41, Ղուկ. 8։22-25)

23 Երբ նաւը մտաւ, իր աշակերտները իր ետեւէն գացին։ 24 Ահա մեծ ալեկոծութիւն մը եղաւ ծովուն մէջ, այնպէս որ նաւը ալիքներէն կը ծածկուէր. իսկ ինք կը քնանար։ 25 Աշակերտները իր մօտ գացին, արթնցուցին զանիկա ու ըսին. «Տէ՛ր, ազատէ մեզ, ահա կը կորսուինք»։ 26 Ան ըսաւ անոնց. «Թերա՛հաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք»։ Ելաւ հովերուն ու ծովուն սաստեց եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ 27 Ու մարդիկ զարմացան եւ կ’ըսէին. «Ի՜նչպիսի մարդ է աս որ հովերն ու ծովը իրեն կը հնազանդին»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԴԻՒԱՀԱՐՆԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մարկ. 5։1-20, Ղուկ. 8։26-39)

28 Երբ միւս կողմը Գերգեսացիներուն երկիրը անցաւ, երկու դիւահարներ պատահեցան իրեն գերեզմաններէն ելած՝ սաստիկ կատղած, այնպէս որ անհնար էր որ մարդ այդ ճամբայէն անցնէր։ 29 Ահա աղաղակեցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս, Որդի Աստուծոյ, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, ատենէն առաջ մեզ տանջելո՞ւ համար հոս եկար»։ 30 Անոնցմէ հեռու շատ խոզերու երամակ մը կար, որոնք կ’արածէին։ 31 Դեւերը կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. ‘Եթէ մեզ հանես, հրաման տուր մեզի որ երթանք խոզերուն երամակին մէջ մտնենք’։ 32 Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք»։ Անոնք ելան գացին խոզերուն երամակին մէջ մտան եւ ահա բոլոր երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեցին ու ջուրերուն մէջ մեռան։ 33 Խոզարածներն ալ փախան եւ քաղաքը երթալով պատմեցին դիւահարներուն պատահած բաները։ 34 Ուստի բոլոր քաղաքը Յիսուսի դէմը ելաւ ու երբ տեսան զանիկա, աղաչեցին որ իրենց սահմաններէն երթայ։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մարկ. 2։1-12, Ղուկ. 5։17-26)

9 1 Նաւը մտնելով անդիի կողմը անցաւ ու գնաց իր քաղաքը։ Իրեն անդամալոյծ մը բերին, որ մահիճի մէջ պառկած էր։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Քաջալերուէ՛, որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։ Դպիրներէն ոմանք իրենց մտքին մէջ ըսին. «Ատիկա հայհոյութիւն կ’ընէ»։ Յիսուս անոնց խորհուրդները իմանալով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ չար բաներ կը խորհիք։ Ո՞րը աւելի դիւրին է. ‘Քու մեղքերդ ներուած են՝ ըսե՞լը, թէ ելիր ու քալէ՝ ըսելը’։ Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու (այն ատեն անդամալոյծին ըսաւ), «Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ Անիկա ելաւ իր տունը գնաց։ Ներկաները երբ տեսան, զարմացան ու փառաւորեցին Աստուած, որ մարդոց այնպիսի իշխանութիւն տուեր է։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՏԹԷՈՍԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

(Մարկ. 2։13-17, Ղուկ. 5։27-32)

Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ մարդ մը տեսաւ Մատթէոս անունով, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր, ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ 10 Տունը սեղան նստած ատենը՝ ահա ուրիշ շատ մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկած ու սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ։ 11 Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու ու մեղաւորներու հետ կ’ուտէ»։ 12 Յիսուս՝ երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։ 13 Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան»։

ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մարկ. 2։18-22, Ղուկ. 5։33-39)

14 Այն ատեն Յովհաննէսին աշակերտները անոր եկան ու ըսին. «Ինչո՞ւ մենք ու փարիսեցիները շատ անգամ ծոմ կը պահենք իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր»։ 15 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է որ հարսնիքին տղաքը սուգ պահեն, քանի որ փեսան իրենց հետ է. բայց օրեր պիտի գան երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, այն ատեն ծոմ պիտի պահեն։ 16 Մէկը չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի մը վրայ, քանզի այն որ անոր լրութեանը համար դրուած է, կ’առնէ հանդերձէն ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ. 17 Ո՛չ ալ նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնեն. քանի որ տիկերը կը պատռին ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ կը դնեն ու երկուքն ալ կը պահուին»։

ԻՇԽԱՆԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ՀԱՆԴԵՐՁԻՆ ԴՊՉՈՂ ԿԻՆԸ

(Մարկ. 5։21-43, Ղուկ. 8։40-56)

18 Երբ անիկա անոնց հետ այս բաները կը խօսէր, ահա իշխան մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Աղջիկս թերեւս մինչեւ հիմա մեռած է, բայց եկուր ձեռքդ անոր վրայ դիր ու պիտի ապրի»։ 19 Յիսուս ելաւ ու իր աշակերտներուն հետ անոր ետեւէն գնաց։

20 Ահա տասներկու տարուան տեռատես կին մը մօտեցաւ ետեւէն, անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ. 21 Քանզի իր մտքին մէջ կ’ըսէր. «Միայն անոր հանդերձին դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ 22 Յիսուս երբ ետին դարձաւ ու տեսաւ զանիկա, ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Կինը նոյն ժամուն բժշկուեցաւ։

23 Երբ Յիսուս իշխանին տունը հասաւ, տեսաւ փողահարները եւ խռոված բազմութիւնը, 24 Ըսաւ անոնց. «Մէկդի գացէք, վասն զի աղջիկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ 25 Ոմանք կը ծաղրէին զանիկա։ Երբ բազմութիւնը դուրս ղրկուեցաւ, ինք ներս մտաւ, անոր ձեռքէն բռնեց ու աղջիկը ոտքի ելաւ։ 26 Այս լուրը բոլոր երկիրը տարածուեցաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԿՈՅՐԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

27 Երբ Յիսուս անկէ յառաջ անցաւ, երկու կոյր ինկան անոր ետեւէն, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ողորմէ՛ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի»։ 28 Երբ տուն հասաւ, կոյրերը իրեն եկան։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ այս բանը ձեզի ընել»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէր»։ 29 Այն ատեն անոնց աչքերուն դպաւ ու ըսաւ. «Ձեր հաւատքին պէս ըլլայ ձեզի»։ 30 Անոնց աչքերը բացուեցան։ Յիսուս սաստիկ պատուէր տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, մէ՛կը չիմանայ»։ 31 Բայց անոնք ելան, այն բոլոր երկրին մէջ անոր համբաւը տարածեցին։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՄՐ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

32 Երբ անոնք դուրս ելան, ահա համր դիւահար մարդ մը բերին իրեն։ 33 Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ։ Եւ ժողովուրդը զարմացաւ ու կ’ըսէին թէ՝ Իսրայէլի մէջ բնաւ այսպիսի բան տեսնուած չէր։ 34 Բայց փարիսեցիները կ’ըսէին. «Ատիկա դեւերուն իշխանութիւնովը դեւեր կը հանէ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ԽՂՃԱՅ

35 Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ։ 36 Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։ 37 Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, 38 Ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։

ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ

(Մարկ. 3։13-19, Ղուկ. 6։12-16)

10 1 Յիսուս իր քով կանչելով իր տասներկու աշակերտները, անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ, որպէս զի զանոնք հանեն եւ ամէն ցաւ ու ամէն հիւանդութիւն բժշկեն։

Տասներկու առաքեալներուն անունները ասոնք են. առաջինը Սիմոն, Պետրոս ըսուածը եւ անոր եղբայրը Անդրէաս, Յակոբոս Զեբեդեան եւ անոր եղբայրը Յովհաննէս, Փիլիպպոս եւ Բարթողիմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս մաքսաւոր, Յակոբոս Ալփեան եւ Ղեբէոս որ Թադէոս մականուանուեցաւ, Սիմոն Կանանացի եւ Յուդա Իսկարիովտացի, որ մատնեց զանիկա։

ՏԱՍՆԵՐԿՈՒՔԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

(Մարկ. 6։7-13, Ղուկ. 9։1-6)

Յիսուս այս տասներկուքը ղրկեց եւ անոնց պատուիրեց՝ ըսելով. «Հեթանոսներու ճամբայ մի՛ երթաք ու Սամարացիներու քաղաք մի՛ մտնէք, Հապա աւելի Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն գացէք։ Ու երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’։ Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, դեւերը հանեցէք. ձրի առեր էք, ձրի տուէք։ Մի՛ ստանաք ոսկի եւ ո՛չ արծաթ եւ ո՛չ պղինձ ձեր գօտիներուն մէջ։ 10 Ո՛չ ճամբու համար պարկ եւ ո՛չ կրկին հանդերձ, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. վասն զի մշակը իր կերակուրին արժանի է։ 11 Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը ու անոր քով կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք։ 12 Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք անոր։ 13 Եթէ այն տունը արժանաւոր է, ձեր բարեւը անոր վրայ ըլլայ, իսկ եթէ արժանաւոր չէ, ձեր բարեւը ձեզի դառնայ։ 14 Եթէ մէկը ձեզ չընդունի ու ձեր խօսքերը մտիկ չընէ, երբ այն տունէն կամ քաղաքէն կ’ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէք։ 15 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին»։

ՎԵՐԱՀԱՍ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐԸ

(Մարկ. 13։9-13, Ղուկ. 21։12-17)

16 «Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. ուստի օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ։ 17 Իսկ մարդոցմէ զգուշացէք. վասն զի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ 18 Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ 19 Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ 20 Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի։ 21 Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին. եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ 22 Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ 23 Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք փախէք, քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի քաղաքները պիտի չհատցնէք, մինչեւ Որդին մարդոյ գայ։ 24 Աշակերտը իր վարդապետէն աւելի չէ եւ ոչ ծառան՝ իր տիրոջմէն։ 25 Հերիք է աշակերտին՝ որ իր վարդապետին պէս ըլլայ ու ծառային՝ իր տիրոջը պէս։ Եթէ տանտէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին, ո՜րչափ աւելի անոր ընտանիքը»։

ՈՐՄԷ՞ ՎԱԽՆԱԼ

(Ղուկ. 12։2-7)

26 «Ուստի մի՛ վախնաք անոնցմէ, վասն զի բան մը չկայ ծածուկ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ պիտի չգիտցուի։ 27 Ինչ որ ձեզի մութի մէջ կ’ըսեմ, զանիկա լոյսի մէջ խօսեցէք եւ ինչ որ ականջն ի վար կը լսէք, տանիքներուն վրայ քարոզեցէք։ 28 Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։ 29 Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ 30 Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ 31 Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։

ՅԻՍՈՒՍԸ ԴԱՒԱՆԻԼ ԵՒ ՈՒՐԱՆԱԼ

(Ղուկ. 12։8-9)

32 «Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ 33 Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է»։

ՈՉ ԹԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ, ԱՅԼ՝ ՍՈՒՐ

(Ղուկ. 12։51-53, 14։26-27)

34 «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։ 35 Վասն զի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։ 36 Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան։ 37 Ան որ հայրը կամ մայրը ինձմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ եւ ան որ տղան կամ աղջիկը ինձմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ։ 38 Ան որ իր խաչը չ’առներ ու իմ ետեւէս գար, ինծի արժանի չէ։ 39 Ան որ իր անձը կը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը ինծի համար կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա»։

ՎԱՐՁՔԸ

(Մարկ. 9։40)

40 «Ան որ ձեզ կ’ընդունի, զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի։ 41 Ան որ մարգարէ մը կ’ընդունի մարգարէի անունով, մարգարէի վարձք պիտի առնէ եւ ան որ արդար մը կ’ընդունի արդարի անունով, արդարի վարձք պիտի առնէ։ 42 Ու ան որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ աշակերտի անունով, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, բնաւ իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ»։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ

(Ղուկ. 7։18-35)

11 1 Երբ Յիսուս լմնցուց իր տասներկու աշակերտներուն պատուէր տալը, գնաց անոնց քաղաքներուն մէջ քարոզելու եւ սորվեցնելու։

Յովհաննէս բանտին մէջ երբ լսեց Քրիստոսի գործերը, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկելով՝ հարցուց անոր. «Դուն ա՞ն ես, որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք պատմեցէք Յովհաննէսին ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն ու աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։ Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։

Երբ անոնք գացին, Յիսուս սկսաւ ժողովուրդին ըսել Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։ Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը. ահա փափուկ հանդերձներ հագնողները թագաւորներուն տուներն են։ Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. մարգարէ՞։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, մարգարէէ մըն ալ աւելի։ 10 Վասն զի ասիկա է՝ որու համար գրուած է. ‘Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պիտի պատրաստէ քու առջեւէդ’։ 11 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ. սակայն երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է։ 12 Ու Յովհաննէս Մկրտչին օրերէն մինչեւ հիմա երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա։ 13 Վասն զի բոլոր մարգարէները ու օրէնքը մինչեւ Յովհաննէս՝ մարգարէութիւն ըրին։ 14 Եթէ կ’ուզէք ընդունիլ, անիկա է Եղիան՝ որ պիտի գար։ 15 Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ։ 16 Բայց որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգը։ Կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրենց ընկերներուն կը կանչեն, 17 Ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի՝ ու կոծ չըրիք’։ 18 Վասն զի Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ 19 Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ’։ Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն»։

ԱՆՀԱՒԱՏ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

(Ղուկ. 10։13-15)

20 Այն ատեն սկսաւ նախատել այն քաղաքները, որոնց մէջ կատարեր էր իր հրաշքներէն շատերը, քանզի չապաշխարեցին. 21 «Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք ձեր մէջ եղան, շատոնցմէ քուրձով ու մոխիրով ապաշխարած պիտի ըլլային։ 22 Բայց ձեզի կ’ըսեմ, Տիւրոսի եւ Սիդոնի աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան թէ ձեզի։ 23 Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես, վասն զի եթէ Սոդոմի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք քու մէջդ եղան, իրաւ որ մինչեւ այսօր դեռ պիտի մնար։ 24 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան քեզի»։

ԵԿԷՔ ԻՆԾԻ ԵՒ ՀԱՆԳՉԵՑԷՔ

(Ղուկ. 10։21-22)

25 Նոյն ժամանակ Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։ 26 Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։ 27 Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը եւ մէ՛կը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել։ 28 Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ 29 Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. 30 Վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։

ՇԱԲԱԹԻՆ ՀԱՐՑԸ

(Մարկ. 2։23-28, Ղուկ. 6։1-5)

12 1 Յիսուս շաբաթ օր մը կ’երթար արտերուն մէջէն, երբ իր աշակերտները անօթեցան, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել եւ ուտել։ Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր. «Ահա քու աշակերտներդ կը գործեն, մինչդեռ արտօնուած չէ շաբաթ օրը գործել»։ Ան ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը։ Երբ անօթեցան ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին. Մտաւ Աստուծոյ տունը եւ առաջաւորութեան հացերը կերաւ, որ ո՛չ իրեն օրինաւոր էր ուտել եւ ո՛չ անոնց որ իրեն հետ էին, բայց միայն քահանաներուն։ Կամ թէ օրէնքին մէջ չէ՞ք կարդացեր, որ քահանաները շաբաթ օրերը տաճարին մէջ շաբաթը կը պղծեն ու անմեղ են։ Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ այստեղ տաճարէն մեծ մէկը կայ։ Եթէ գիտնայիք թէ ի՛նչ ըսել է ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ ու ո՛չ թէ զոհ’, այն ատեն անպարտները չէիք դատապարտեր. Քանզի Որդին մարդոյ շաբաթին տէրն է»։

ՉՈՐՑԱԾ ՁԵՌՔՈՎ ՄԱՐԴԸ

(Մարկ. 3։1-6, Ղուկ. 6։6-11)

Անկէ երթալով՝ գնաց անոնց ժողովարանը։ 10 Հոն մարդ մը կար, որուն ձեռքը չորցած էր։ Հարցուցին անոր. «Շաբաթ օրը բժշկել արժա՞ն է», որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։ 11 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ, որ ոչխար մը ունենայ եւ անիկա շաբաթ օրը փոսի մէջ իյնայ, չի բռներ ու վեր հաներ զանիկա։ 12 Արդ՝ ո՜րչափ աւելի է մարդը ոչխարէն։ Ուրեմն շաբաթ օրը բարի գործել արժան է»։ 13 Այն ատեն ըսաւ այն մարդուն. «Երկնցուր ձեռքդ»։ Ան ալ երկնցուց ու ողջնցաւ միւսին պէս։ 14 Իսկ փարիսեցիները դուրս ելլելով՝ անոր վրայով խորհուրդ կ’ընէին թէ ի՞նչպէս զանիկա կորսնցնեն։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԾԱՌԱՆ

15 Յիսուս երբ գիտցաւ, զատուեցաւ անկէ եւ շատ ժողովուրդ անոր ետեւէն գացին ու ամէնքը բժշկեց, 16 Բայց սաստիկ պատուիրեց անոնց, որ զինք մարդո՛ւ չյայտնեն. 17 Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէի միջոցով ըսուած խօսքը. 18 «Ահա իմ ծառաս, զոր ընտրեցի եւ իմ սիրելիս, որուն հաւնեցաւ իմ անձս. իմ Հոգիս անոր վրայ պիտի դնեմ ու հեթանոսներուն իրաւունք պիտի տայ։ 19 Ո՛չ պիտի վիճի եւ ո՛չ պիտի աղաղակէ եւ ո՛չ մէկը պիտի լսէ անոր ձայնը հրապարակներուն մէջ։ 20 Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, մինչեւ արդարութիւնը յաղթանակի հասցնէ։ 21 Եւ հեթանոսները անոր անուանը պիտի յուսան»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԲԷԵՂԶԵԲՈՒՂԸ

(Մարկ. 3։20-30, Ղուկ. 11։14-23)

22 Այն ատեն կոյր ու համր դիւահար մը բերին իրեն եւ զանիկա բժշկեց, այնպէս որ համր ու կոյրը խօսեցաւ ու տեսաւ։ 23 Բոլոր ժողովուրդը զարմացած կ’ըսէին. «Արդեօք ասիկա՞ է Դաւիթին որդին»։ 24 Բայց փարիսեցիները երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա ուրիշ բանով չի հաներ դեւերը, բայց դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանովը»։ 25 Յիսուս անոնց խորհուրդները իմանալով ըսաւ անոնց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն մէջ բաժնուած կ’աւերի. եւ ամէն քաղաք կամ տուն իրեն դէմ բաժնուած՝ չի կրնար կենալ։ 26 Եթէ Սատանան Սատանայ հանէ, իրեն դէմ բաժնուեցաւ. ուստի ի՞նչպէս պիտի կենայ անոր թագաւորութիւնը։ 27 Ու եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդիները ինչո՞վ կը հանեն. ուրեմն անոնք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։ 28 Բայց եթէ ես Աստուծոյ Հոգիովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է։ 29 Կամ ի՞նչպէս կրնայ մէկը զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ այն զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։ 30 Ան որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր, ցիրուցան կ’ընէ։ 31 Անոր համար ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն մեղք ու հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց’։ 32 Ով որ Որդի մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ ըսէ, պիտի չներուի անոր, ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ գալու աշխարհին մէջ»։

ԾԱՌ ՄԸ ԵՒ ԻՐ ՊՏՈՒՂԸ

(Ղուկ. 6։43-45)

33 «Կամ ծառը բարի ըրէք ու անոր պտուղը բարի, կա՛մ ծառը չար ըրէք ու անոր պտուղը չար. վասն զի ծառը պտուղէն կը ճանչցուի։ 34 Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք բարի խօսիլ, որ չար էք. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի։ 35 Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարի բաներ կը հանէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չար բաներ կը հանէ։ 36 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ ‘Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան’։ 37 Վասն զի քու խօսքերէդ պիտի արդարանաս ու քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս»։

ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ

(Մարկ. 8։11-12, Ղուկ. 11։29-32)

38 Այն ատեն դպիրներէն ու փարիսեցիներէն ոմանք իրեն ըսին. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք քեզմէ նշան մը տեսնել»։ 39 Անիկա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Չար եւ շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ 40 Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր։ 41 Նինուէի մարդիկը դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանի քարոզութիւնովը զղջացին։ Ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս։ 42 Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասիկա, վասն զի ինք երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս»։

ՉԱՐ ՈԳԻԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

(Ղուկ. 11։24-26)

43 «Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղերը պտըտի՝ հանգստութիւն փնտռէ ու չգտնէ. 44 Այն ատեն կ’ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս, ուրկէ ելայ’։ Կու գայ զանիկա կը գտնէ պարապ, մաքրուած ու յարդարուած։ 45 Այն ատեն կ’երթայ ու իրեն հետ կ’առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ իրմէ աւելի չար ու մտնելով հոն կը բնակին։ Այն մարդուն վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։ Այսպէս պիտի ըլլայ այս չար ազգին ալ»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

(Մարկ. 3։31-35, Ղուկ. 8։19-21)

46 Մինչ ինք ժողովուրդին կը խօսէր, իր մայրը ու եղբայրները դուրսը կայներ էին եւ կ’ուզէին իրեն հետ խօսիլ։ 47 Մէկը իրեն ըսաւ. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ կ’ուզեն քեզի հետ խօսիլ»։ 48 Ան ալ իրեն ըսողին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է իմ մայրս եւ որո՞նք են իմ եղբայրներս»։ 49 Եւ իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները երկնցնելով՝ ըսաւ. «Ահա իմ մայրս եւ իմ եղբայրներս. 50 Վասն զի ով որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։

ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Մարկ. 4։1-9, Ղուկ. 8։4-8)

13 1 Այն օրը Յիսուս տունէն ելլելով ծովուն եզերքը նստաւ։ Շատ ժողովուրդ քովը ժողվուեցան, այնպէս որ ինք նաւը մտաւ ու նստաւ եւ բոլոր ժողովուրդը ծովեզերքը կայներ էր։ Շատ բաներ խօսեցաւ անոնց առակներով եւ ըսաւ.

«Ահա սերմ ցանողը ելաւ որ սերմ ցանէ։ Երբ կը ցանէր, մէկ քանիները ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։ Ուրիշներ ապառաժուտ տեղերու վրայ ինկան, ուր շատ հող չկար եւ շուտ մը բուսան՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար. Սակայն արեւուն ծագած ատենը այրեցան ու արմատ չունենալնուն համար չորցան։ Ուրիշներ ինկան փուշերու մէջ։ Փուշերը ելան ու խեղդեցին զանոնք։ Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին ո՛րը մէկուն տեղ հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն եւ ո՛րը՝ երեսուն։ Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։

ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

(Մարկ. 4։10-12, Ղուկ. 8։9-10)

10 Աշակերտները մօտենալով՝ ըսին իրեն. «Ինչո՞ւ համար առակներով կը խօսիս անոնց»։ 11 Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Անոր համար՝ որ ձեզի տրուած է գիտնալ երկնքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ։ 12 Վասն զի ով որ ունի, անոր պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ ով որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ 13 Անոր համար առակներով կը խօսիմ անոնց, որ կը տեսնեն՝ ու չեն տեսներ եւ կը լսեն՝ ու չեն լսեր ու միտք չեն առներ։ 14 Անոնց վրայ պիտի կատարուի Եսայիի մարգարէութիւնը որ կ’ըսէ. ‘Լսելով պիտի լսէք ու պիտի չիմանաք։ Տեսնելով պիտի տեսնէք ու պիտի չտեսնէք։ 15 Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որպէս զի չըլլայ թէ աչքերով տեսնեն եւ ականջներով լսեն եւ սրտով իմանան ու դարձի գան եւ ես զանոնք բժշկեմ’։ 16 Բայց երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն, 17 Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ արդարներ փափաքեցան ձեր տեսածները տեսնել ու չտեսան եւ ձեր լսածները լսել՝ ու չլսեցին»։

ՅԻՍՈՒՍ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

(Մարկ. 4։13-20, Ղուկ. 8։11-15)

18 «Հիմա դուք սերմ ցանողին առակը լսեցէք։ 19 Ամէն ով որ թագաւորութեան խօսքը կը լսէ ու միտք չ’առներ, չարը կու գայ ու անոր սրտին մէջ ցանուածը կը յափշտակէ։ Ասիկա այն է որ ճամբուն քով ցանուեցաւ։ 20 Ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունի զանիկա։ 21 Բայց իր մէջ արմատ չունենալով, քիչ ժամանակ կը տեւէ ու երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղի։ 22 Փուշերուն մէջ ցանուածը այն է որ երբ կը լսէ խօսքը, աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ, 23 Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»։

ՈՐՈՄԻՆ ԱՌԱԿԸ

24 Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։ 25 Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։ 26 Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ։ 27 Ուստի տանտիրոջ ծառաները մօտեցան ու իրեն ըսին. ‘Տէ՛ր, չէ՞ որ դուն քու արտիդ մէջ բարի սերմ ցանեցիր. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է’։ 28 Անիկա ըսաւ անոնց. ‘Թշնամի մարդ մը ըրած է ատիկա’։ Ծառաները իրեն ըսին. ‘Հիմա կ’ուզե՞ս որ երթանք զանոնք քաղենք’։ 29 Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեննիդ ցորենն ալ անոր հետ փրցնէք։ 30 Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք’»։

ՄԱՆԱՆԵԽԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Մարկ. 4։30-32, Ղուկ. 13։18-19)

31 Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ, իր արտին մէջ ցանեց։ 32 Ան՝ բոլոր սերմերէն պզտիկ է, բայց երբ աճի, բոլոր խոտեղէններէն մեծ ծառ կ’ըլլայ, այնպէս որ երկնքի թռչունները կու գան եւ անոր ճիւղերուն վրայ կը հանգչին»։

ԽՄՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Ղուկ. 13։20-21)

33 Ուրիշ առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Երկնքի թագաւորութիւնը խմորի նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց մինչեւ բոլորն ալ խմորուեցաւ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՌԱԿՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷ

(Մարկ. 4։33-34)

34 Յիսուս այս ամէն բաները առակներով խօսեցաւ ժողովուրդին։ Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց, 35 Որպէս զի կատարուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս ու աշխարհի սկիզբէն ի վեր ծածկուած բաները յառաջ պիտի բերեմ»։

ՈՐՈՄԻՆ ԱՌԱԿԻՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

36 Երբ Յիսուս ժողովուրդը թողուց, տունը գնաց։ Իր աշակերտները մօտեցան իրեն ու ըսին. «Արտին որոմներուն առակը մեկնէ մեզի»։ 37 Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Բարի սերմը ցանողը Որդին մարդոյ է. 38 Արտը աշխարհս է։ Բարի սերմը թագաւորութեանը որդիներն են, բայց որոմը չարին որդիներն են։ 39 Թշնամին որ զանիկա ցանեց, Սատանան է եւ հունձքը աշխարհիս վերջն է ու հնձողները հրեշտակներն են։ 40 Արդ ինչպէս որ որոմը կը ժողվուի ու կրակի մէջ կ’այրուի, աշխարհիս վերջն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ 41 Որդին մարդոյ իր հրեշտակները պիտի ղրկէ ու պիտի ժողվեն անոր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւնները եւ զանոնք, որ անօրէնութիւն կը գործեն 42 Ու կրակի հնոցին մէջ պիտի ձգեն զանոնք։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։ 43 Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ։ Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։

ՊԱՀՈՒԱԾ ԳԱՆՁԻՆ ԱՌԱԿԸ

44 «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։

ՄԱՐԳԱՐԻՏԻՆ ԱՌԱԿԸ

45 «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ. 46 Եւ պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։

ՈՒՌԿԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ

47 Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը ծովը ձգուած ուռկանի մը նման է, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ։ 48 Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, ցամաքը հանեցին ու նստան աղէկները ամաններու մէջ ժողվեցին եւ անշահը դուրս ձգեցին։ 49 Այսպէս պիտի ըլլայ աշխարհիս վերջը։ Հրեշտակները պիտի ելլեն ու արդարներուն մէջէն չարերը պիտի զատեն. 50 Եւ պիտի ձգեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։

ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

51 Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հասկցա՞ք այս ամէն բաները»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»։ 52 Անիկա ըսաւ անոնց. «Անոր համար ամէն դպիր որ երկնքի թագաւորութեան աշակերտ եղած է, նման է տանտէր մարդու մը որ իր գանձէն նոր ու հին բաներ կը հանէ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՆԱԶԱՐԷԹԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ

(Մարկ. 6։1-6, Ղուկ. 4։16-30)

53 Երբ Յիսուս այս առակները լրացուց, անկէ մեկնեցաւ. 54 Եւ գնաց իր գաւառը ու անոնց կը սորվեցնէր իրենց ժողովարանին մէջ, անոնք ալ կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս իմաստութիւնը եւ հրաշքները։ 55 Ասիկա հիւսնին որդին չէ՞. ասոր մայրը Մարիամ չի՞ կոչուիր։ Ասոր եղբայրները՝ Յակոբոս եւ Յովսէս ու Սիմոն եւ Յուդա. 56 Ու ասոր քոյրերը ամէնքը մեր քով չե՞ն։ Ալ ինք ուրկէ՞ ունի այս ամէն բաները»։ 57 Անոր վրայով կը գայթակղէին. բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը անպատիւ չէ, բայց միայն իր գաւառին ու իր տանը մէջ»։ 58 Հոն շատ հրաշքներ չըրաւ անոնց անհաւատութեանը համար։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՄԱՀԸ

(Մարկ. 6։14-29, Ղուկ. 9։7-9)

14 1 Երբ Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսի համբաւը լսեց իր ծառաներուն ըսաւ. «Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, մեռելներէն յարութիւն առած եւ անոր համար հրաշքներ կ’ըլլան անով»։

Քանզի Հերովդէս Յովհաննէսը բռներ, զանիկա կապեր ու բանտը դրեր էր, իր եղբօր Փիլիպպոսին կնոջ՝ Հերովդիային համար։ Վասն զի Յովհաննէս անոր կ’ըսէր. «Քեզի օրինաւոր չէ զանիկա կին առնելը»։ Ուստի կ’ուզէր զանիկա սպաննել, բայց ժողովուրդէն կը վախնար, վասն զի իբրեւ մարգարէ կ’ընդունէին զանիկա։ Երբ Հերովդէսին ծննդեան օրը եկաւ, Հերովդիային աղջիկը խաղաց հանդէսի սրահին մէջ ու Հերովդէսին հաճելի եղաւ։ Ուստի երդումով խոստացաւ որ տայ անոր ի՛նչ որ ուզելու ըլլայ։ Անիկա առաջ իր մօրմէն խրատուելով՝ ըսաւ. «Տուր ինծի Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը՝ սկուտեղի մը վրայ»։ Թագաւորը տրտմեցաւ, բայց երդումներուն ու իրեն հետ նստողներուն համար հրաման ըրաւ որ տրուի։ 10 Եւ մարդ ղրկելով՝ բանտին մէջ Յովհաննէսը գլխատեց։ 11 Անոր գլուխը սկուտեղով բերուեցաւ ու տրուեցաւ աղջկան։ Ան ալ իր մօրը տուաւ։ 12 Անոր աշակերտները եկան ու մարմինը վերցնելով թաղեցին, գացին Յիսուսին պատմեցին։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ

(Մարկ. 6։30-44, Ղուկ. 9։10-17, Յովհ. 6։1-14)

13 Երբ Յիսուս լսեց, անկէ նաւով անապատ մը գնաց առանձին։ Երբ ժողովուրդը լսեց, ոտքով անոր ետեւէն գացին իրենց քաղաքներէն։

14 Երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ ու անոնց հիւանդները բժշկեց։

15 Իրիկունը իր աշակերտները եկան ու ըսին. «Հոս անապատ տեղ մըն է եւ ժամանակը ուշացած է. արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի գիւղերը երթան ու իրենց կերակուր գնեն»։ 16 Յիսուս անոնց ըսաւ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն»։ 17 Անոնք ալ ըսին. «Հոս ուրիշ բան մը չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ ու երկու ձուկ»։ 18 Ըսաւ անոնց. «Հոս, ինծի բերէք զանոնք»։ 19 Եւ հրաման ըրաւ որ ժողովուրդը խոտին վրայ նստեցնեն։ Հինգ նկանակը եւ երկու ձուկը առաւ, դէպի երկինք նայելով օրհնեց ու կտրելով նկանակները աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին։ 20 Ամէնքը կերան ու կշտացան եւ տասներկու կողով լեցուն աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։ 21 Անոնք որ կերան, հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։

ՅԻՍՈՒՍ ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅԷՆ ԿԸ ՔԱԼԷ

(Մարկ. 6։45-52, Յովհ. 6։15-21)

22 Աշակերտները արտորցուց, որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ անդիի կողմը անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։ 23 Ժողովուրդը արձակելէն ետքը, ինք լեռը ելաւ առանձին աղօթք ընելու։ Երբ իրիկուն եղաւ, հոն մինակ էր, 24 Իսկ նաւը արդէն ծովուն մէջտեղը ալեկոծութեան մէջ էր, վասն զի հովը հակառակ կողմէն կը փչէր։ 25 Գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս դէպի նաւը գնաց, ծովուն վրայէն քալելով։ 26 Երբ աշակերտները մէկը տեսան, որ ծովուն վրայ կը քալէր, խռովեցան եւ ըսին թէ՝ աչքի երեւոյթ մըն է։ Վախնալով կանչվռտեցին։ 27 Յիսուս խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ 28 Պետրոս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։ 29 Ան ալ ըսաւ. «Եկո՛ւր»։ Պետրոս ալ նաւէն իջաւ, ջուրերուն վրայէն քալեց որպէս զի Յիսուսի քով երթայ։ 30 Բայց հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ազատէ զիս»։ 31 Յիսուս շուտ մը իր ձեռքը երկնցուց, բռնեց զանիկա ու ըսաւ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար»։ 32 Երբ նաւը ելան, հովը դադարեցաւ։ 33 Անոնք որ նաւուն մէջ էին, եկան երկրպագութիւն ըրին անոր ու ըսին. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն»։

34 Անդիի կողմը անցնելով, Գեննեսարէթ հասան։ 35 Երբ այն տեղի մարդիկը ճանչցան զանիկա, մարդ ղրկեցին բոլոր շրջակայ տեղերը ու բոլոր հիւանդները անոր բերին. 36 Եւ կ’աղաչէին անոր, որ միայն իր հանդերձին քղանցքին դպչին։ Անոնք որ դպան, բժշկուեցան։

ՆԱԽՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ

(Մարկ. 7։1-13)

15 1 Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրները, փարիսեցիները, որոնք Երուսաղէմէն էին ու ըսին. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ’ընեն, վասն զի ձեռքերնին չեն լուար, երբ հաց կ’ուտեն»։ Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Հապա դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ։ Քանզի Աստուած պատուիրեց ըսելով. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. Եւ ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ թէ Այն բանը զոր ինձմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու ընծայ է ու իր հայրը կամ իր մայրը չպատուէ, ազատ է’։ Այսպէս ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։ Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ. Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։

ԲԱՆԵՐ ՈՐ ՄԱՐԴԸ ԱՆՄԱՔՈՒՐ Կ’ԸՆԵՆ

(Մարկ. 7։14-23)

10 Ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ու միտք առէք. 11 Ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը»։

12 Այն ատեն իր աշակերտները եկան՝ ըսին իրեն. «Գիտե՞ս թէ փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այն խօսքը»։ 13 Ան ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ամէն տունկ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի։ 14 Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։ 15 Պետրոս պատասխան տալով՝ անոր ըսաւ. «Մեկնէ մեզի այս առակը»։ 16 Յիսուս ըսաւ. «Դո՞ւք ալ տակաւին անմիտ էք. 17 Ու չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ’երթայ ու արտաքնոցը կը ձգուի։ 18 Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ 19 Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։ 20 Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չի պղծեր մարդը»։

ԿՆՈՋ ՄԸ ՀԱՒԱՏՔԸ

(Մարկ. 7։24-30)

21 Յիսուս անկէ ելլելով՝ Տիւրոսի ու Սիդոնի կողմերը գնաց։ 22 Քանանացի կին մը այն սահմաններէն ելած՝ կ’աղաղակէր անոր ու կ’ըսէր. «Ողորմէ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի որդի, աղջիկս դեւէն սաստիկ կը չարչարուի»։ 23 Ինք բնաւ պատասխան չտուաւ անոր։ Իր աշակերտները մօտենալով՝ կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. «Արձակէ ատիկա, վասն զի մեր ետեւէն կ’աղաղակէ»։ 24 Ինքն ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։ 25 Բայց կինը եկաւ երկրպագութիւն ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի»։ 26 Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել»։ 27 Կինն ալ ըսաւ. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ 28 Այն ատեն Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

29 Յիսուս անկէ գնաց, երբ Գալիլիայի ծովեզերքը հասաւ՝ լեռը ելլելով նստաւ։ 30 Շատ ժողովուրդ իրեն եկան, որոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ եւ ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը։ Ան ալ բժշկեց զանոնք։ 31 Այնպէս որ ժողովուրդը զարմացաւ, տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին ու Իսրայէլի Աստուածը կը փառաւորէին։

ՉՈՐՍ ՀԱԶԱՐԻՆ ԿԵՐԱԿՐՈՒԻԼԸ

(Մարկ. 8։1-10)

32 Յիսուս իր աշակերտները քովը կանչելով՝ ըսաւ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի երեք օր է, որ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Զանոնք անօթի արձակել չեմ ուզեր, չըլլայ որ ճամբան մարին»։ 33 Աշակերտները անոր ըսին. «Մենք անապատին մէջ ուրկէ՞ պիտի ունենանք այնչափ հաց, որ այսչափ բազմութիւնը կշտացնենք»։ 34 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը ու քանի մը մանր ձուկեր»։ 35 Հրաման ըրաւ ժողովուրդին որ գետնին վրայ նստին։ 36 Եօթը նկանակը եւ ձուկերը առաւ, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ ժողովուրդին տուին։ 37 Կերան ամէնքը եւ կշտացան։ Եօթը զամբիւղ լեցուն՝ աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։ 38 Անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։

39 Երբ ժողովուրդը արձակեց, նաւը մտաւ ու Մագդաղայի սահմանները գնաց։

ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ

(Մարկ. 8։11-13, Ղուկ. 12։54-56)

16 1 Փարիսեցիները ու սադուկեցիները քովը եկան, փորձելով՝ իրմէ կ’ուզէին որ երկնքէն նշան մը ցուցնէ իրենց։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Երբ իրիկուն ըլլայ, կ’ըսէք թէ ‘Պարզ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը կարմրած է’։ Եւ առտուն՝ ‘Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը միգապատ ու կարմրած է’։ Կե՛ղծաւորներ, երկնքի երեսը քննել գիտէք, բայց ժամանակներուն նշանները չէ՞ք կրնար գիտնալ։ Չար ու շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը»։ Եւ թողուց զանոնք ու գնաց։

ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍԱԴՈՒԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽՄՈՐԸ

(Մարկ. 8։14-21)

Երբ իր աշակերտները անդիի կողմը անցան, հաց առնել մոռցեր էին։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Նայեցէք ու զգուշացէք փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու խմորէն»։ Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Հաց չբերինք մեզի հետ»։ Իսկ Յիսուս անոնց խորհուրդը գիտնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր մէջ ինչո՞ւ կը խորհիք, թե՛րահաւատներ, թէ հաց չառիք։ Տակաւին չէ՞ք հասկնար եւ չէ՞ք յիշեր հինգ նկանակը՝ հինգ հազարին, ու քանի՛ կողով վերցուցիք. 10 Ոչ ալ եօթը նկանա՞կը՝ չորս հազարին, ու քանի՛ զամբիւղ վերցուցիք։ 11 Ի՞նչպէս չէք հասկնար թէ ես հացի համար չըսի ձեզի՝ փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու խմորէն զգոյշ կենալ»։ 12 Այն ատեն հասկցան թէ հացի խմորէն զգուշանալ չըսաւ, հապա փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու վարդապետութենէն։

ՊԵՏՐՈՍԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՍԻՆ

(Մարկ. 8։27-30, Ղուկ. 9։18-21)

13 Յիսուս Փիլիպպոսի Կեսարիայի կողմերը երթալով՝ իր աշակերտներուն հարցուց ու ըսաւ. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես Որդին մարդոյ»։ 14 Անոնք ըսին. «Ոմանք կ’ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»։ 15 Ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ 16 Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ 17 Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի. վասն զի մարմինը եւ արիւնը քեզի չյայտնեցին ասիկա, հապա իմ Հայրս որ երկինք է։ 18 Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն։ 19 Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»։ 20 Ապա աշակերտներուն պատուիրեց, որ մարդո՛ւ չըսեն թէ ինք Քրիստոսն է։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մարկ. 8։31–9։1, Ղուկ. 9։22-27)

21 Անկէ յետոյ Յիսուս իր աշակերտներուն ցուցուց թէ՝ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ։ 22 Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա եւ սկսաւ յանդիմանել զանիկա ու ըսել. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ 23 Ինք դառնալով՝ Պետրոսին ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։

24 Այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ 25 Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա, 26 Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։ 27 Վասն զի Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ եւ այն ատեն ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ։ 28 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։

ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

(Մարկ. 9։2-12, Ղուկ. 9։28-36)

17 1 Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձին։ Անոնց առջեւ այլակերպեցաւ ու իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս։ Եւ ահա երեւցան անոնց Մովսէսն ու Եղիան ու իրեն հետ կը խօսակցէին։ Խօսեցաւ Պետրոս ու ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, աղէկ է որ հոս կենանք. եթէ կ’ուզես, երեք խրճիթ շինենք հոս, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։ Երբ անիկա կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպէն ձայն մը եկաւ՝ ըսելով. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ Աշակերտները երբ լսեցին, երեսնուն վրայ ինկան ու խիստ վախցան։ Յիսուս մօտենալով դպաւ անոնց ու ըսաւ. «Ելէ՛ք, մի՛ վախնաք»։ Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան, բայց միայն Յիսուսը։

Երբ լեռնէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Այդ տեսիլքը մարդու մի՛ պատմէք, մինչեւ Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնէ»։ 10 Աշակերտները իրեն հարցուցին. «Ինչո՞ւ համար դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։ 11 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Յիրաւի առաջ Եղիան կու գայ եւ ամէն բան կարգի կը դնէ։ 12 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Եղիան արդէն եկած է եւ զանիկա չճանչցան, հապա ինչ որ ուզեցին ըրին անոր. նոյնպէս ալ Որդին մարդոյ անոնցմէ պիտի չարչարուի»։ 13 Այն ատեն հասկցան աշակերտները թէ Յովհաննէս Մկրտչին համար ըսաւ անոնց։

ՅԻՍՈՒՍ ԴԻՒԱՀԱՐ ՏՂԱՅ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մարկ. 9։13-28, Ղուկ. 9։37-44ա)

14 Երբ ժողովուրդին քով եկան, մարդ մը մօտեցաւ անոր եւ ծունկի վրայ գալով՝ ըսաւ. 15 «Տէ՛ր, իմ որդիիս ողորմէ, որ կը լուսնոտի եւ չարաչար կը տանջուի, քանզի յաճախ կրակի մէջ կ’իյնայ ու յաճախ ջուրի մէջ։ 16 17։15 Քու աշակերտներուդ բերի ու չկրցան զանիկա բժշկել»։ 17 17։16 Յիսուս ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ա՛զգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. զանիկա հոս ինծի բերէք»։ 18 17։17 Յիսուս սաստեց ու դեւը անկէ ելաւ եւ տղան բժշկուեցաւ նոյն ժամուն։ 19 17։18 Այն ատեն աշակերտները առանձին Յիսուսին քով երթալով՝ ըսին. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել»։ 20 17։19 Յիսուս ըսաւ. «Ձեր թերահաւատութեանը համար. քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի։ 21 17։20 Սակայն այս տեսակը ուրիշ բանով չ’ելլեր, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մարկ. 9։29-31, Ղուկ. 9։44բ-45)

22 17։21 Երբ անոնք Գալիլիայի մէջ կը պտըտէին, Յիսուս ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը 23 17։22 Եւ զանիկա պիտի մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ Անոնք խիստ տրտմեցան։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՏՈՒՐՔԻՆ ՎՃԱՐՈՒՄԸ

24 17։23 Երբ անոնք Կափառնայում եկան, երկդրամեան տուրքը առնողները Պետրոսին եկան ու ըսին. «Ձեր վարդապետը երկդրամեանը չի՞ հատուցաներ»։ 25 Անիկա ըսաւ. «Այո՛, կը հատուցանէ»։ 17։24 Երբ տունը մտաւ, առաջ Յիսուս խօսեցաւ անոր ու ըսաւ. «Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն»։ 26 17։25 Պետրոս ըսաւ. «Օտարներէն»։ Յիսուս անոր ըսաւ. «Ուրեմն որդիները ազատ են, 27 17։26 Բայց չըլլայ թէ զանոնք գայթակղեցնենք, գնա՛ ծովը եւ կարթը ձգէ ու առաջին ձուկը որ կ’ելլէ՝ ա՛ռ եւ անոր բերանը բանալով սատեր մը պիտի գտնես։ Անոնց տուր ինծի եւ քեզի համար»։

Ո՞Վ Է ՄԵԾԸ

(Մարկ. 9։32-36, Ղուկ. 9։46-48)

18 1 Նոյն ժամանակ աշակերտները Յիսուսին քով եկան ու ըսին. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։ Եւ Յիսուս տղայ մը կանչեց իրեն, զանիկա անոնց մէջտեղը կայնեցուց Ու ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք’։ Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ, Եւ ով որ այսպիսի տղայ մը կ’ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի»։

ՄԵՂՔԻ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆԸ

(Մարկ. 9։41-47, Ղուկ. 17։1-2)

«Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի ու ծովուն անդունդը ընկղմի»։

«Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններուն պատճառաւ, վասն զի հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով գայթակղութիւնը կու գայ։ Արդ՝ եթէ քու ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի կաղ կամ պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ ու յաւիտենական կրակին մէջ ձգուիլ։ Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա եւ քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի մէկ աչքով կեանքը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ»։

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Ղուկ. 15։3-7)

10 «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է։ 11 Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ կորսուածը փրկելու։ 12 Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի. եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու երթար մոլորածը փնտռեր։ 13 Եթէ գտնելու ըլլայ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունիննին՝ որոնք մոլորած չէին։ 14 Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի»։

ՄԵՂԱՆՉՈՂ ԵՂԲԱՅՐԸ

15 «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա՛ յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։ 16 Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի։ 17 Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։

18 «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Երկրի վրայ ինչ որ կապէք, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու երկրի վրայ ինչ որ արձակէք, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ’։ 19 Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին, ամէն ինչ բանի համար որ խնդրեն, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս որ երկինքն է’։ 20 Քանզի ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։

ՉՆԵՐՈՂ ԾԱՌԱՅԻՆ ԱՌԱԿԸ

21 Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ 22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը։ 23 Ասոր համար երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը որ իր ծառաներէն հաշիւ առնել ուզեց։ 24 Երբ սկսաւ հաշիւ առնել, տասը հազար տաղանդի պարտական մը բերուեցաւ իրեն։ 25 Բայց անիկա վճարելու կարողութիւն չունենալով՝ իր տէրը հրաման ըրաւ որ զանիկա եւ անոր կինը ու որդիները եւ անոր բոլոր ունեցածը ծախուին ու պարտքը վճարուի։ 26 Իսկ ծառան անոր առջեւ իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, համբերէ ինծի եւ ամէնը քեզի վճարեմ’։ 27 Ծառային տէրը վրան խղճալով արձակեց զանիկա ու պարտքը շնորհեց անոր։ 28 Նոյն ծառան ելաւ, իր ծառայակիցներէն մէկը գտաւ որ իրեն հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու զանիկա բռնելով կը խեղդէր ու կ’ըսէր. ‘Վճարէ ինծի ունեցած պարտքդ’։ 29 Ուստի իր ծառայակիցը անոր ոտքը ինկաւ, կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. ‘Համբերէ ինծի ու քեզի վճարեմ’։ 30 Բայց ինք չէր ուզեր, հապա գնաց՝ բանտը դնել տուաւ, մինչեւ որ պարտքը վճարէ։ 31 Երբ իր ծառայակիցները տեսան եղած բաները, խիստ տրտմեցան ու եկան իրենց տիրոջը իմացուցին բոլոր եղածը։ 32 Այն ատեն անոր տէրը կանչեց զանիկա ու ըսաւ. ‘Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. 33 Ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ’։ 34 Անոր տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն մատնեց զանիկա, մինչեւ որ բոլոր պարտքը վճարէ։ 35 Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մարկ. 10։1-12)

19 1 Ու երբ Յիսուս այս խօսքերը լմնցուց, Գալիլիայէն ելաւ ու գնաց Հրէաստանի սահմանները՝ Յորդանանու անդիի կողմը։ Անոր ետեւէն շատ ժողովուրդ գնաց։ Հոն շատեր բժշկեց։

Փարիսեցիները անոր մօտենալով՝ զանիկա փորձեցին ու հարցուցին. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար»։ Անիկա ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք», ու աւելցուց. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։ Ըսին իրեն. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց արձակման թուղթ տալ եւ արձակել»։ Ըսաւ անոնց. «Մովսէս ձեր սրտերուն կարծրութեանը համար ձեզի հրաման տուաւ կիներնիդ արձակել, բայց սկիզբէն այնպէս չէր։ Սակայն ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ։ Եւ ով որ արձակուածը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’»։ 10 Իր աշակերտները ըսին իրեն. «Եթէ այդպիսի բան կայ էրկան ու կնոջ մէջտեղ, չամուսնանալը աւելի աղէկ է»։ 11 Ինք անոնց ըսաւ. «Ամենուն չի յարմարիր ատիկա, հապա անոնց՝ որոնց տրուած է։ 12 Վասն զի կան ներքինիներ՝ որոնք իրենց մօրը որովայնէն այնպէս ծնան եւ կան ներքինիներ՝ որոնք մարդոցմէ ներքինի եղան եւ կան ներքինիներ որոնք ինքզինքնին ներքինի ըրին երկնքի թագաւորութեանը համար։ Ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի»։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ Կ’ՕՐՀՆԷ

(Մարկ. 10։13-16, Ղուկ. 18։15-17)

13 Այն ատեն մանր տղաք բերուեցան իրեն, որպէս զի անոնց վրայ ձեռք դնէ եւ աղօթք ընէ, իսկ աշակերտները կը յանդիմանէին զանոնք։ 14 Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուէք այդ մանր տղոցը եւ մի՛ արգիլէք ատոնք ինծի գալէն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։ 15 Անոնց վրայ ձեռք դնելէ յետոյ գնաց անկէ։

ՀԱՐՈՒՍՏ ՊԱՏԱՆԻՆ

(Մարկ. 10։17-31, Ղուկ. 18։18-30)

16 Մէկը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ բարի գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ընդունիմ»։ 17 Անիկա ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։ 18 Պատանին հարցուց. «Որո՞նք»։ Յիսուս ըսաւ. «Ասոնք. Սպանութիւն մի՛ ըներ, Շնութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, 19 Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ եւ քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ»։ 20 Պատանին ըսաւ. «Ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ. ալ ի՞նչ բան կը պակսի»։ 21 Յիսուս ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛ ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ 22 Երբ պատանին այս խօսքը լսեց՝ տրտմած գնաց, վասն զի շատ ստացուածք ունէր։

23 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը’։ 24 Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ’»։ 25 Աշակերտները երբ լսեցին, շատ զարմացան ու ըսին. «Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ 26 Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։

27 Այն ատեն Պետրոս խօսեցաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ 28 Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ դուք որ իմ ետեւէս եկաք, միւս անգամ գալուստին երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու։ 29 Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։ 30 Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին»։

ԱՅԳԻԻՆ ԲԱՆՈՒՈՐՆԵՐԸ

20 1 «Երկնքի թագաւորութիւնը տանտէրի մը նման է, որ առտուն կանուխ ելաւ՝ իր այգիին համար բանուորներ բռնելու։ Եւ բանուորներուն հետ օրը մէկ դահեկանի համաձայնեցաւ ու զանոնք ղրկեց իր այգին։ Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին, Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ գացէք իմ այգիս եւ ինչ որ արժան է՝ կու տամ ձեզի»։ Անոնք ալ գացին։ Ապա ժամը վեցին եւ ժամը իննին ատենները ելաւ՝ նոյնը ըրաւ։ Ժամը տասնըմէկին ատենները ելաւ, ուրիշներ գտաւ՝ որոնք պարապ կայներ էին, անոնց ալ ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս բոլոր օրը պարապ կայներ էք»։ Ըսին իրեն. «Անոր համար որ մէ՛կը մեզ վարձքով չբռնեց»։ Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ այգին գացէք ու ինչ որ արժան է՝ պիտի առնէք»։ Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. «Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները»։ Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյ մէկ դահեկան առին։ 10 Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյ մէկ դահեկան։ 11 Երբ առին՝ տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին. 12 «Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք»։ 13 Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. «Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. 14 Ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ 15 Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ»։ 16 Այսպէս յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին. վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մարկ. 10։32-34, Ղուկ. 18։31-34)

17 Ու երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’ելլէր, ճամբան տասներկու աշակերտները իրեն հետ առաւ առանձին ու ըսաւ անոնց. 18 «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն, 19 Հեթանոսներուն պիտի մատնեն՝ ծաղրուելու, ծեծուելու եւ խաչը հանուելու. բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։

ՄՕՐ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ

(Մարկ. 10։35-45)

20 Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը որդիներուն հետ եկաւ անոր, երկրպագութիւն կ’ընէր ու բան մը կը խնդրէր անկէ։ 21 Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ»։ 22 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ, կամ այն մկրտութիւնով մկրտուիլ, որով ես պիտի մկրտուիմ»։ Ըսին իրեն. «Կրնանք»։ 23 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ գաւաթս պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնով որ ես մկրտուելու եմ, պիտի մկրտուիք. բայց իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս»։ 24 Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին՝ այն երկու եղբայրներուն նեղուեցան։ 25 Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. 26 Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ 27 Ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ. 28 Ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԿՈՅՐԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մարկ. 10։46-52, Ղուկ. 18։35-43)

29 Երբ անոնք Երիքովէն ելան, մեծ բազմութիւն անոր ետեւէն գնաց։ 30 Ճամբուն քով երկու կոյր նստած էին. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ’անցնի, աղաղակեցին ու ըսին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ 31 Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք, որ լռեն, բայց անոնք՝ ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ 32 Յիսուս կանգ առնելով կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզէք որ ձեզի ընեմ»։ 33 Ըսին անոր. «Տէ՛ր, աչքերնիս բաց»։ 34 Յիսուս խղճալով անոնց աչքերուն դպաւ։ Շուտ մը անոնց աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն գացին։

ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

(Մարկ. 11։1-11, Ղուկ. 19։29-40, Յովհ. 12։12-19)

21 1 Երբ Երուսաղէմի մօտեցան ու եկան Բեթփագէ՝ դէպի Ձիթենեաց լեռը՝ այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց Եւ ըսաւ անոնց. «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը եւ հոն պիտի գտնէք կապուած էշ մը ու անոր հետ աւանակ մը. արձակեցէք զանոնք ու ինծի բերէք։ Եթէ մէկը ձեզի բան մը ըսէ, ըսէք թէ ‘Տէրոջը պէտք են’. եւ շուտ մը զանոնք պիտի ղրկէ»։ Այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուի մարգարէին խօսքը որ կ’ըսէ. «Ըսէք Սիօնի աղջկան. ‘Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ’»։ Աշակերտները գացին եւ ինչպէս Յիսուս իրենց պատուիրեր էր՝ ըրին Ու բերին էշն ու աւանակը, անոնց վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ։ Ժողովուրդէն շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։ Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ’երթար, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։

10 Երբ անիկա Երուսաղէմ մտաւ բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է աս»։ 11 Շատեր ըսին. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն»։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԸ Կ’ԵՐԹԱՅ

(Մարկ. 11։15-19, Ղուկ. 19։45-48, Յովհ. 2։13-22)

12 Յիսուս Աստուծոյ տաճարը մտաւ ու դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց. 13 Եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։

14 Տաճարին մէջ կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն եւ ինք բժշկեց զանոնք։ 15 Երբ քահանայապետներն ու դպիրները տեսան անոր ըրած հրաշքները եւ տղաքը որոնք տաճարին մէջ կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի», բարկացան 16 Ու ըսին անոր. «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’»։

17 Եւ թողուց զանոնք՝ քաղաքէն դուրս Բեթանիա գնաց ու գիշերը հոն կեցաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ԹԶԵՆԻՆ Կ’ԱՆԻԾԷ

(Մարկ. 11։12-14, 20-24)

18 Առտուն, երբ ինք քաղաքը կը դառնար, անօթեցաւ։ 19 Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով քովը գնաց։ Անոր վրայ տերեւներէն զատ բան մը չգտաւ. ու ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ պտուղ պիտի չտաս յաւիտեան»։ Եւ իսկոյն թզենին չորցաւ։ 20 Աշակերտները երբ տեսան, զարմացան ու ըսին. «Թզենին ինչպէ՞ս շուտ մը չորցաւ»։ 21 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։ 22 Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մարկ. 11։27-33, Ղուկ. 20։1-8)

23 Երբ տաճարը եկաւ, քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը անոր մօտեցան՝ երբ կը սորվեցնէր՝ ու ըսին. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը»։ 24 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի ըսէք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ 25 Յովհաննէսին մկրտութիւնը ուրկէ՞ էր, երկնքէ՞ն թէ մարդոցմէ»։ Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ըսենք՝ 26 ‘Երկինքէն’, մեզի պիտի ըսէ թէ ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’, իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ, ժողովուրդէն կը վախնանք’, վասն զի բոլորն ալ Յովհաննէսը իբրեւ մարգարէ կ’ընդունին» 27 Պատասխանեցին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։

ԵՐԿՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

28 «Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի. մարդ մը երկու որդի ունէր։ Առաջինին ըսաւ. ‘Որդեա՛կ, գնա՛ այսօր այգիիս մէջ գործէ’ 29 Անիկա պատասխանեց. ‘Չեմ ուզեր երթալ’։ Բայց ետքը զղջաց ու գնաց։ 30 Հայրը միւսին ալ ըսաւ։ Անիկա պատասխանեց. ‘Կ’երթամ, Տէ՛ր’, սակայն չգնաց։ 31 Հիմա այս երկուքէն ո՞րը իր հօրը կամքը կատարեց»։ Ըսին անոր. «Առաջինը»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը, 32 Վասն զի Յովհաննէս արդարութեան ճամբով եկաւ ձեզի եւ դուք անոր չհաւատացիք. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները անոր հաւատացին եւ դուք տեսաք, սակայն չուզեցիք հաւատալ»։

ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

(Մարկ. 12։1-12, Ղուկ. 20։9-19)

33 Ուրիշ առակ մըն ալ լսեցէք. «Տանտէր մը կար որ այգի մը տնկեց ու ցանկով պատեց զանիկա եւ անոր մէջ հնձան փորեց ու աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ 34 Երբ պտուղի ժամանակը մօտեցաւ, իր ծառաները մշակներուն ղրկեց, որպէս զի անոր պտուղները առնեն։ 35 Մշակները անոր ծառաները բռնեցին մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մը քարկոծեցին։ 36 Նորէն ծառաներ ղրկեց առաջիններէն շատ եւ անոնց ալ նոյնպէս ըրին։ 37 Վերջը իր որդին ղրկեց անոնց, ըսելով՝ ‘Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։ 38 Բայց մշակները երբ տեսան որդին, իրարու ըսին. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու անոր ժառանգութեանը տիրանանք’։ 39 Առին զանիկա, այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին։ 40 Երբ այգիին տէրը գայ, ի՞նչ պիտի ընէ այն մշակներուն»։ 41 Ըսին իրեն. «Այն չարերը չարաչար պիտի կորսնցնէ եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ժամանակին պիտի տան իրեն»։ 42 Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ, ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն’։ 43 Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ։ 44 Ով որ այս քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ պիտի փսորէ զանիկա»։

45 Երբ քահանայապետները եւ փարիսեցիները անոր առակները լսեցին, իմացան որ իրենց համար կ’ըսէր 46 Եւ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս բռնեն զանիկա, բայց ժողովուրդէն վախցան, վասն զի մարգարէի պէս կ’ընդունէին զանիկա։

ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԿՈՉՈՒՆՔԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Ղուկ. 14։15-24)

22 1 Դարձեալ Յիսուս առակներով ըսաւ անոնց. «Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։ Անոնք չուզեցին գալ։ Նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ըսէք հրաւիրուածներուն, ‘Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք’»։ Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան։ Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։ Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին։ Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց։ Այն ատեն իր ծառաներուն ըսաւ. «Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։ Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք»։ 10 Այն ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ՛ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ։ 11 Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր, 12 Ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի»։ Անիկա պապանձեցաւ։ 13 Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. «Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։ 14 Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։

ՏՈՒՐՔ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

(Մարկ. 12։13-17, Ղուկ. 20։20-26)

15 Այն ատեն փարիսեցիները խորհուրդ ըրին որպէս զի որոգայթ մը լարեն խօսքով։ 16 Իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններու հետ մէկտեղ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես ու մարդո՛ւ համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, 17 Ուստի մեզի ըսէ. Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Պէ՞տք է Կայսրին տուրք տալ թէ ոչ»։ 18 Յիսուս գիտնալով անոնց խորամանկութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ, 19 Ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը բերին իրեն։ 20 Հարցուց անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։ 21 Ըսին անոր. «Կայսրին»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ 22 Երբ լսեցին՝ զարմացան եւ թողուցին զանիկա ու գացին։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մարկ. 12։18-27, Ղուկ. 20։27-40)

23 Նոյն օրը անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ հարցուցին՝ 24 Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ 25 Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։ 26 Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։ 27 Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ 28 Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան»։ 29 Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք մոլորած էք։ Ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը. 30 Քանզի յարութեան ատեն ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են։ 31 Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելուն համար՝ չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը. 32 ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն»։ 33 Ժողովուրդը այս լսելով՝ կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ։

ՄԵԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ

(Մարկ. 12։28-34, Ղուկ. 10։25-28)

34 Փարիսեցիները երբ լսեցին թէ անիկա պապանձեցուց սադուկեցիները, մէկտեղ ժողվուեցան 35 Եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց, զանիկա փորձելով. 36 «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ 37 Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ 38 Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ 39 Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ 40 Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։

ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՀԱՐՑԸ

(Մարկ. 12։35-37, Ղուկ. 20։41-44)

41 Երբ փարիսեցիները ժողվուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց ու ըսաւ. 42 «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է»։ 22։43 Ըսին իրեն. «Դաւիթին»։ 43 Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ. 44 ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ 45 Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։ 46 Եւ մէ՛կը չէր կրնար անոր պատասխանել։ Այն օրէն յետոյ մէ՛կը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։

ՅԻՍՈՒՍ ԴՊԻՐՆԵՐԷՆ ԵՒ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

(Մարկ. 12։38-39, Ղուկ. 11։44, 20։45-46)

23 1 Այն ատեն Յիսուս խօսեցաւ ժողովուրդներուն եւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ. «Մովսէսին աթոռը դպիրները եւ փարիսեցիները նստած են։ Ուրեմն ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ։ Քանզի ծանր եւ տանելու դժուար բեռներ կը կապեն ու կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չեն ուզեր զանոնք շարժել։ Իրենց բոլոր գործերը մարդոց երեւնալու համար կ’ընեն. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները ու կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները. Ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն եւ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները ու շուկաներուն մէջ բարեւները։ Եւ մարդոցմէ Ռաբբի, Ռաբբի կոչուիլ։ Բայց դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի՛ կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ 10 Եւ դուք ուսուցիչներ մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ 11 Եւ ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ։ 12 Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՆՈՆՑ ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ

(Մարկ. 12։40, Ղուկ. 11։39-42)

13 «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն։

14 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ որ որբեւայրիներուն տուները կ’ուտէք ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնէք. անոր համար աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունիք։ 15 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ ծով ու ցամաք կը պտըտիք մէկը նորահաւատ ընելու ու երբ ըլլայ, զանիկա ձեզմէ երկու անգամ աւելի գեհենի որդի կ’ընէք։ 16 Վա՜յ ձեզի կո՛յր առաջնորդներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ տաճարին մէջի ոսկիին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։ 17 Ո՛վ յիմարներ ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, ոսկի՞ն թէ տաճարը որ կը սրբացնէ ոսկին։ 18 Եւ թէ ‘Ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ սեղանին վրայի պատարագին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։ 19 Յիմարնե՛ր ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, պատարա՞գը թէ սեղանը որ կը սրբացնէ պատարագը։ 20 Ուստի ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր վրայի ամէն բաներուն վրայ 21 Եւ ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր մէջ բնակողին վրայ 22 Եւ ով որ երկնքի վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ Աստուծոյ աթոռին վրայ եւ անոր վրայ նստողին վրայ։ 23 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։ 24 Կո՛յր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամէք եւ ո՛ւղտը կը կլլէք։ 25 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են։ 26 Կո՛յր փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէս զի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ։ 27 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են։ 28 Նոյնպէս դուք դուրսէն մարդոց արդար կ’երեւնաք ու ներսէն կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն էք»։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՆՈՆՑ ՊԱՏԻԺԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ

(Ղուկ. 11։47-51)

29 «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ մարգարէներուն տապանները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք, 30 Ու կ’ըսէք. ‘Եթէ մեր հայրերուն օրերը ըլլայինք, անոնց հետ մարգարէներուն արեանը մասնակից չէինք ըլլար’։ 31 Ուրեմն դուք ձեզի համար կը վկայէք թէ անոնց զաւակներն էք՝ որոնք մարգարէները կը սպաննէին։ 32 Ուստի դուք ալ ձեր հայրերուն չափը լեցուցէք։ 33 Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն։ 34 Ատոր համար ահա ես կը ղրկեմ ձեզի մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ։ Անոնցմէ մէկ քանիները պիտի սպաննէք ու խաչը հանէք, մէկ քանիները ձեր ժողովարաններուն մէջ պիտի ծեծէք ու քաղաքէ քաղաք հալածէք։ 35 Որպէս զի երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արիւնը ձեր վրայ գայ, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ Բարաքիայի որդիին Զաքարիային արիւնը, որ տաճարին եւ սեղանին միջեւ սպաննեցիք։ 36 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ամէն բաները պիտի գան այս ազգին վրայ»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՍԷՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՆԴԷՊ

(Ղուկ. 13։34-35)

37 «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ 38 Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ։ 39 Վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։

ՏԱՃԱՐԻՆ ԱՒԵՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ՅԻՍՈՒՍ

(Մարկ. 13։1-2, Ղուկ. 21։5-6)

24 1 Երբ Յիսուս տաճարէն դուրս ելլելով կ’երթար, աշակերտները անոր քով գացին՝ տաճարին շէնքերը իրեն ցուցնելու։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք այդ ամէն բաները. ահա կ’ըսեմ ձեզի, ‘Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի’»։

ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐ

(Մարկ. 13։3-13, Ղուկ. 21։7-19)

Ու երբոր անիկա Ձիթենեաց լեռը նստեր էր, աշակերտները իրեն գացին առանձին ու ըսին. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ։ Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն. ‘Ես եմ Քրիստոսը’ ու շատեր պիտի մոլորեցնեն։ Պիտի լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր։ Զգո՛յշ կեցէք որ չխռովիք, վասն զի այս ամէնը պէտք է որ ըլլան, բայց դեռ վերջը չէ։ Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։ Այն ատեն ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք։ 10 Շատեր պիտի գայթակղին ու մէկզմէկ պիտի մատնեն եւ մէկզմէկ պիտի ատեն։ 11 Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ 12 Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի։ 13 Բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ 14 Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։

ՍՈՍԿԱԼԻ ԱՒԵՐՈՒՄՆԵՐ

15 «Ուստի երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ, թող հասկնայ). 16 Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին։ 17 Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու։ 18 Ան որ արտին մէջ է, թող ետ չդառնայ իր հանդերձները առնելու։ 19 Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ 20 Աղօթք ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ, ոչ ալ շաբաթ օրը. 21 Քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ 22 Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան։ 23 Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ ‘Ահա հոս է Քրիստոսը կամ հոն’, մի՛ հաւատաք. 24 Վասն զի սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու մեծ նշաններ ու հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որ եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ 25 Ահա ձեզի առաջուընէ ըսի։ 26 Եթէ ձեզի ըսեն թէ ‘Ահա անապատին մէջ է’, մի՛ ելլէք. եւ թէ՝ ‘Ահա ներքին սենեակներուն մէջ է’, մի՛ հաւատաք։ 27 Վասն զի ինչպէս փայլակը արեւելքէն կ’ելլէ ու մինչեւ արեւմուտք կ’երեւնայ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ գալուստը։ 28 Քանզի ուր որ մեռած մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները»։

ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

(Մարկ. 13։24-27, Ղուկ. 21։25-28)

29 «Այն նեղութեան օրերէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 30 Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ 31 Անիկա իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»։

ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ

(Մարկ. 13։28-31, Ղուկ. 21։29-33)

32 «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ 33 Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ 34 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան։ 35 Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։

ՈՉ ՈՔ ԳԻՏԷ ՕՐԸ ԵՒ ԺԱՄԸ

(Մարկ. 13։32-37, Ղուկ. 17։26-30, 34-36)

36 «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։ 37 Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ 38 Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, 39 Չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ 40 Այն ատեն եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. 41 Եւ եթէ երկու կին մէկ աղօրիքով աղալու վրայ գտնուին, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի։

42 Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ 43 Բայց այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ 44 Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՆ

(Ղուկ. 12։41-48)

45 «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ 46 Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ 47 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։ 48 Հապա եթէ այն չար ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’, 49 Եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել։ 50 Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր 51 Եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ պիտի դնէ։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։

ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

25 1 «Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին իսկ հինգը՝ յիմար։ Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին. Սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։ Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան։ Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’։ Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։ Յիմարները ըսին իմաստուններուն. ‘Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են’։ Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. ‘Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար’։ 10 Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ 11 Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ 12 Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’։ 13 Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։

ԵՐԵՔ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

(Ղուկ. 19։11-27)

14 «Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց։ 15 Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ։ 16 Ան՝ որ հինգ տաղանդ առած էր, գնաց անոնցմով գործեց եւ ուրիշ հինգ տաղանդ շահեցաւ։ 17 Նմանապէս ան՝ որ երկուք առած էր, ուրիշ երկուք ալ շահեցաւ։ 18 Իսկ ան՝ որ մէկ առած էր, գնաց գետինը փորեց ու իր տիրոջը ստակը պահեց։ 19 Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց։ 20 Հինգ տաղանդ առնողը եկաւ՝ ուրիշ հինգ տաղանդ ալ բերաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, հինգ տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ հինգ տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ’։ 21 Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ’։ 22 Երկու տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, երկու տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ երկու տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ’։ 23 Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ’։ 24 Մէկ տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես, 25 Ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի’։ 26 Պատասխան տուաւ անոր տէրը ու ըսաւ. ‘Չար եւ ծո՛յլ ծառայ, գիտէիր թէ չսերմանած տեղէս կը հնձեմ ու չցանած տեղէս կը ժողվեմ, 27 Ուրեմն պէտք էր որ իմ ստակս սեղանաւորներուն տայիր, որպէս զի եկած ատենս շահովը առնէի։ 28 Արդ՝ առէ՛ք ատկէ տաղանդը ու տասը տաղանդ ունեցողին տուէք։ 29 Վասն զի ամէն ունեցողին պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ 30 Իսկ այդ անպիտան ծառան դուրսի խաւարը հանեցէք. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել’»։

ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

31 «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ 32 Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ 33 Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը։

34 Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք. 35 Վասն զի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. 36 Մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք’։ 37 Այն ատեն արդարները անոր պատասխան պիտի տան ու ըսեն. ‘Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ անօթեցած տեսանք ու կերակրեցինք, կամ ծարաւած՝ ու խմցուցինք. 38 Ե՞րբ քեզ օտարական տեսանք եւ ներս առինք, կամ մերկ՝ ու հագուեցուցինք. 39 Ե՞րբ քեզ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք ու քեզի եկանք’։ 40 Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք’։

41 Այն ատեն ձախ կողմը եղողներուն ալ պիտի ըսէ. ‘Մէկդի գացէք ինձմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։ 42 Վասն զի անօթեցայ, ինծի ուտելիք չտուիք. ծարաւեցայ, ինծի չխմցուցիք. 43 Օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք’։ 44 Այն ատեն անոնք ալ պատասխան պիտի տան ու ըսեն. ‘Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած կամ ծարաւած կամ օտարական կամ մերկ կամ հիւանդ կամ բանտի մէջ ու քեզի սպասաւորութիւն չըրինք’։ 45 Այն ատեն պատասխան պիտի տայ անոնց ու ըսէ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք’։

46 Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը»։

ԴԱՒ ՅԻՍՈՒՍԻ ԴԷՄ

(Մարկ. 14։1-2, Ղուկ. 22։1-2, Յովհ. 11։45-53)

26 1 Երբ Յիսուս լմնցուց այս բոլոր խօսքերը, ըսաւ իր աշակերտներուն. «Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի խաչը ելլելու»։

Նոյն ատեն քահանայապետները ու դպիրները եւ ժողովուրդին ծերերը ժողվուեցան քահանայապետին սրահը, որուն անունը Կայիափա էր Ու խորհեցան նենգութեամբ բռնել Յիսուսը ու մեռցնել։ Բայց կ’ըսէին թէ՝ «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԲԵԹԱՆԻՈՅ ՄԷՋ Կ’ՕԾՈՒԻ

(Մարկ. 14։3-9, Յովհ. 12։1-8)

Երբ Յիսուս Բեթանիա էր, բորոտ Սիմոնին տունը, Կին մը եկաւ անոր։ Ան ունէր ծանրագին իւղի շիշ մը։ Իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն վրայ՝ երբ ան սեղան նստած էր։ Անոր աշակերտները տեսնելով՝ բարկացան ու ըսին. «Ինչո՞ւ այս կորուստը, Քանզի այդ իւղը կրնար սուղ գնով ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։ 10 Յիսուս իմանալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք կինը։ Անիկա բարի գործ մը գործեց։ 11 Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։ 12 Անիկա, որ այդ իւղը իմ մարմնիս վրայ թափեց, իմ թաղումիս համար ըրաւ։ 13 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։

ՅՈՒԴԱՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ՄԱՏՆԵԼՈՒ ԿԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻ

(Մարկ. 14։10-11, Ղուկ. 22։3-6)

14 Այն ատեն տասներկուքէն մէկը, որ Յուդա Իսկարիովտացի կը կոչուէր, գնաց քահանայապետներուն ու ըսաւ. 15 «Ի՞նչ կու տաք ինծի, որ ձեզի մատնեմ զանիկա»։ Անոնք երեսուն սիկղ արծաթ խոստացան անոր։ 16 Անկէ յետոյ պատեհութիւն կը փնտռէր, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԶԱՏԻԿԸ Կ’ՈՒՏԷ

(Մարկ. 14։12-21, Ղուկ. 22։7-14, 21-23, Յովհ. 13։21-30)

17 Բաղարջակերաց առաջին օրը աշակերտները Յիսուսին եկան, անոր ըսին. «Ո՞ւր կ’ուզես որ քեզի պատրաստենք զատիկը՝ ուտելու համար»։ 18 Անիկա ըսաւ. «Գացէք քաղաքը այս ինչ մարդուն ու ըսէք անոր, Վարդապետը կ’ըսէ. ‘Ժամանակս մօտ է. աշակերտներուս հետ մէկտեղ քու քովդ պիտի ընեմ զատիկը’»։ 19 Աշակերտներն ալ ըրին ինչպէս Յիսուս իրենց հրամայեց ու պատրաստեցին զատիկը։

20 Իրիկունը տասներկուքին հետ սեղան նստաւ։ 21 Երբ կ’ուտէին, ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։ 22 Շատ տրտմեցան եւ անոնցմէ ամէն մէկը սկսաւ ըսել անոր. «Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ»։ 23 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ան որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց, նոյնը պիտի մատնէ զիս»։ 24 Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։ 25 Պատասխան տուաւ Յուդա, որ զանիկա պիտի մատնէր ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, միթէ ե՞ս եմ»։ Ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր»։

ՏԷՐՈՋԸ ԸՆԹՐԻՔԸ

(Մարկ. 14։22-25, Ղուկ. 22։14-20, Ա. Կորթ. 11։23-25)

26 Մինչ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս»։ 27 Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. 28 «Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար։ 29 Բայց կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ, մինչեւ այն օրը՝ երբ ձեզի հետ նոր գինին խմեմ իմ Հօրս թագաւորութեանը մէջ’»։

ՅԻՍՈՒՍ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՈՒՐԱՆԱԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ

(Մարկ. 14։27-31, Ղուկ. 22։31-34, Յովհ. 13։36-38)

30 Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։ 31 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’։ 32 Բայց յարութիւն առնելէս յետոյ ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։ 33 Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»։ 34 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Այս գիշեր դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։ 35 Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ»։ Այսպէս կ’ըսէին նաեւ բոլոր աշակերտները։

ՅԻՍՈՒՍ ԳԵԹՍԵՄԱՆԻԻ ՄԷՋ Կ’ԱՂՕԹԷ

(Մարկ. 14։32-42, Ղուկ. 22։39-46)

36 Այն ատեն Յիսուս անոնց հետ տեղ մը գնաց, որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ աշակերտներուն. «Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ»։ 37 Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Զեբեդէոսի երկու որդիները, սկսաւ տրտմիլ ու վշտանալ։ 38 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք»։ 39 Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինձմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։ 40 Երբ եկաւ աշակերտներուն, զանոնք քնացած գտաւ եւ ըսաւ Պետրոսին. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։ 41 Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք։ Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ 42 Դարձեալ երկրորդ անգամ գնաց աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ անկարելի է որ այս գաւաթը ինձմէ անցնի առանց անկէ խմելու՝ թող քու կամքդ ըլլայ»։ 43 Եւ եկաւ զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր։ 44 Թողուց զանոնք ու նորէն գնաց՝ երրորդ անգամ աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։ 45 Այն ատեն եկաւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէք ու հանգչեցէք. ահա ժամը հասաւ եւ Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ 46 Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

(Մարկ. 14։43-50, Ղուկ. 22։47-53, Յովհ. 18։3-12)

47 Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդա, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ մեծ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով, քահանայապետներէն եւ ժողովուրդին ծերերէն։ 48 Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ով որ ես համբուրեմ, ա՛ն է, բռնեցէք զանիկա»։ 49 Եւ շուտ մը Յիսուսին մօտենալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ», ու համբուրեց զանիկա։ 50 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար եկար դուն»։ Այն ատեն մօտեցան, ձեռք զարկին Յիսուսին ու բռնեցին զանիկա։ 51 Յիսուսին հետ եղողներէն մէկը ձեռքը երկնցուց եւ իր սուրը հանելով՝ զարկաւ քահանայապետին ծառային եւ անոր ականջը մէկդի հանեց։ 52 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին։ 53 Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ։ 54 Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։

55 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ այն բազմութեանը. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր տաճարին մէջ ձեզի հետ կը նստէի ու կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք։ 56 Բայց այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուին մարգարէներուն գրքերը»։ Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։

ՅԻՍՈՒՍ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌՋԵՒ

(Մարկ. 14։53-65, Ղուկ. 22։54-55, Յովհ. 18։13-14, 19-24)

57 Անոնք որ Յիսուսը բռնեցին, Կայիափա քահանայապետին տարին, ուր դպիրները ու ծերերը ժողվուեր էին։ 58 Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ քահանայապետին գաւիթը ու ներս մտաւ, սպասաւորներուն հետ նստաւ, որպէս զի վերջը տեսնէ։ 59 Քահանայապետներն ու ծերերը եւ բոլոր ժողովը Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն մը կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն. 60 Բայց չգտան. թէեւ շատ սուտ վկաներ ալ եկան, կրկին չգտան։ Ետքը երկու սուտ վկայ եկան 61 Ու ըսին թէ՝ «Ասիկա ըսաւ, ‘Ես կրնամ Աստուծոյ տաճարը քակել եւ զանիկա երեք օրուան մէջ շինել’»։ 62 Քահանայապետը ոտքի ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։ 63 Յիսուս լուռ կեցաւ։ Ուստի ելաւ քահանայապետը ու ըսաւ անոր. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ»։ 64 Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր. բայց կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։ 65 Այն ատեն քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը. 66 Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Մահապարտ է»։ 67 Այն ատեն անոր երեսը թքնեցին, բռունցքով ծեծեցին զանիկա։ Ոմանք ալ ապտակ զարնելով՝ ըսին. 68 «Մարգարէացիր մեզի, դո՛ւն, Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան որ քեզի զարկաւ»։

ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ

(Մարկ. 14։66-72, Ղուկ. 22։56-62, Յովհ. 18։15-18, 25-27)

69 Երբ Պետրոս դուրսը գաւիթը նստեր էր, աղախին մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Դուն ալ Գալիլիացի Յիսուսին հետ էիր»։ 70 Բայց անիկա ամենուն առջեւ ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր դուն ի՛նչ կը խօսիս»։ 71 Երբ դուռը ելաւ, ուրիշ աղախին մը զանիկա տեսաւ եւ հոն եղողներուն ըսաւ. «Ասիկա ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էր»։ 72 Պետրոս նորէն երդում ընելով ուրացաւ, թէ՝ Ես այն մարդը չեմ ճանչնար։

73 Քիչ մը յետոյ հոն եղողները եկան եւ ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն ալ անոնցմէ ես, վասն զի քու խօսուածքդ ալ քեզ կը յայտնէ»։ 74 Այն ատեն սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով թէ՝ ‘Ես այն մարդը չեմ ճանչնար’։ Նոյն պահուն հաւը խօսեցաւ։ 75 Պետրոս միտքը բերաւ Յիսուսին խօսքը, որ իրեն ըսեր էր թէ՝ «Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս». ու դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ

(Մարկ. 15։1, Ղուկ. 23։1-2, Յովհ. 18։28-32)

27 1 Առտուն, բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին ծերերը Յիսուսի դէմ խորհուրդ ըրին որ զանիկա մեռցնեն։ Կապելով զանիկա տարին Պոնտացի Պիղատոս կուսակալին ձեռքը տուին։

ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՄԱՀԸ

(Գործ. 1։18-19)

Այն ատեն Յուդա, որ զանիկա մատնեց, տեսնելով որ դատապարտուեցաւ, զղջաց ու երեսուն արծաթը ետ դարձուց քահանայապետներուն եւ ծերերուն Ու ըսաւ. «Մեղա՜յ, անմեղ արիւն մատնեցի»։ Անոնք ըսին. «Մեզի ի՞նչ, դուն նայէ»։ Արծաթը տաճարին մէջ ձգեց ու դուրս ելաւ եւ գնաց ինքզինքը խեղդեց։ Քահանայապետներն ալ արծաթը առնելով՝ ըսին. «Արժան չէ ատիկա կորբանին մէջ դնել, վասն զի արեան գին է»։ Ուստի խորհուրդ ըրին եւ անով բրուտին արտը ծախու առին՝ օտարներու գերեզմանատուն ըլլալու համար։ Այս պատճառաւ այն արտը «Արեան արտ» կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։ Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Եւ առին երեսուն արծաթը, գին կտրուածին գինը, որ Իսրայէլի որդիներէն ոմանք գին կտրեցին, 10 Ու տուին զանիկա բրուտին արտին, ինչպէս ինծի հրաման ըրաւ Տէրը»։

ՊԻՂԱՏՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԷ

(Մարկ. 15։2-5, Ղուկ. 23։3-5, Յովհ. 18։33-38)

11 Յիսուս կուսակալին առջեւ կայնեցաւ. եւ կուսակալը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն կ’ըսես»։ 12 Բայց քահանայապետներէն եւ ծերերէն ամբաստանուած ատենը բնաւ պատասխան մը չտուաւ։ 13 Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Չե՞ս լսեր թէ ո՛րչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք»։ 14 Անոր ալ պատասխան չտուաւ, այնպէս որ շատ զարմացաւ կուսակալը։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ

(Մարկ. 15։6-15, Ղուկ. 23։13-25, Յովհ. 18։39–19։16)

15 Բայց կուսակալը սովորութիւն ունէր տօնին ատենը կապուած մը արձակելու ժողովուրդին, ով որ ուզէին։ 16 Այն ատեն Բարաբբա անունով երեւելի բանտարկեալ մը ունէին։ 17 Երբ ժողվուեցան, ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Ո՞րը կ’ուզէք որ ձեզի արձակեմ. Բարաբբա՞ն, թէ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կ’ըսուի». 18 Քանզի գիտէր թէ նախանձի համար մատնեցին զանիկա։

19 Երբ անիկա ատեանը նստեր էր, անոր կինը մէկը ղրկեց անոր ու ըսաւ. «Դուն այն արդարին հետ գործ մի՛ ունենար, վասն զի այսօր երազիս մէջ շատ դիպուածներ անցան գլխէս անոր համար»։

20 Քահանայապետները եւ ծերերը ժողովուրդը համոզեցին որ Բարաբբան խնդրեն ու Յիսուսը կորսնցնեն։ 21 Կուսակալը կրկին խօսեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Այս երկուքէն ո՞րը կ’ուզէք, որ ձեզի արձակեմ»։ 22 Անոնք ըսին. «Բարաբբան»։ Ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ’ըսուի»։ 23 Ամէնքն ալ ըսին անոր. «Թող խաչուի»։ Եւ կուսակալը ըսաւ. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրաւ»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Թող խաչուի»։ 24 Պիղատոս տեսնելով որ օգուտ մը չունի, հապա ա՛լ աւելի խռովութիւն կ’ըլլայ, ջուր առաւ, ձեռքերը լուաց ժողովուրդին առջեւ ու ըսաւ. «Ես այդ արդարին արիւնէն անպարտ եմ. դո՛ւք մտածեցէք»։ 25 Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ատոր արիւնը մեր վրայ ու մեր որդիներուն վրայ ըլլայ»։ 26 Ստիպուած՝ Բարաբբան արձակեց անոնց եւ Յիսուսը ծեծելով անոնց ձեռքը տուաւ, որպէս զի խաչուի։

ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍԸ ԿԸ ԾԱՂՐԵՆ

(Մարկ. 15։16-30, Յովհ. 19։2-3)

27 Այն ատեն կուսակալին զինուորները պալատէն ներս առին Յիսուսը ու բոլոր զինուորներուն գունդը անոր վրայ ժողվեցին. 28 Զանիկա մերկացնելով կարմիր վերարկու մը հագցուցին անոր, 29 Ու փուշերէ պսակ մը հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին ու եղէգ մը անոր աջ ձեռքը եւ անոր առջեւ ծունկի վրայ գալով կը ծաղրէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։ 30 Եւ թքնելով անոր վրայ՝ եղէգը կ’առնէին ու անոր գլխուն կը զարնէին։ 31 Շարունակեցին ծաղրել զանիկա, վերարկուն վրայէն հանեցին ու իր հանդերձները հագցուցին անոր եւ տարին զանիկա խաչը հանելու։

ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉԻՆ ՎՐԱՅ ԳԱՄՈՒԵՑԱՒ

(Մարկ. 15։21-32, Ղուկ. 23։26-43, Յովհ. 19։17-27)

32 Դուրս ելլելով, Կիւրենացի մարդ մը գտան Սիմոն անունով, զանիկա պահակ բռնեցին որպէս զի անոր խաչը վերցնէ։ 33 Եկան Գողգոթա ըսուած տեղը, որ է գանկի տեղ։ 34 Լեղիով խառնուած քացախ տուին անոր, որպէս զի խմէ։ Երբ համը առաւ, խմել չուզեց։ 35 Զանիկա խաչը հանեցին եւ անոր հանդերձները վիճակով բաժնեցին. [որպէս զի մարգարէէն ըսուածը կատարուի, «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»]։ 36 Անոնք նստեր զանիկա կը պահէին։ 37 Անոր գլխուն վրայ իր յանցանքը գրուած դրին, թէ ‘Ասիկա է Յիսուս, Հրէից թագաւորը’։ 38 Այն ատեն անոր հետ երկու աւազակ խաչուեցան, մէկը անոր աջ կողմը ու մէկը ձախ կողմը։

39 Անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին, 40 Ու կ’ըսէին. «Դուն որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր, ինքզինքդ ազատէ։ Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, իջիր այդ խաչէն»։ 41 Նոյնպէս ալ քահանայապետները դպիրներուն ու ծերերուն հետ ծաղրելով՝ կ’ըսէին. 42 «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։ Եթէ Իսրայէլի թագաւոր է, թող հիմա իջնէ խաչէն եւ իրեն հաւատանք։ 43 Աստուծոյ յուսացեր է, հիմա թող փրկէ ատիկա՝ եթէ կ’ուզէ։ Վասն զի ըսաւ, թէ ‘Ես Որդի Աստուծոյ եմ’» 44 Իրեն հետ խաչուած աւազակներն ալ նոյնպէս կը նախատէին զանիկա։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՀԸ

(Մարկ. 15։33-41, Ղուկ. 23։44-49, Յովհ. 19։28-30)

45 Վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդ ժամը բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ։ 46 Ժամը իննին ատենները Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլի՜, Էլի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ ըսել է՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր». 47 Անոնցմէ ոմանք որ հոն կայներ էին, երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա Եղիան կը կանչէ»։ 48 Շուտ մը անոնցմէ մէկը վազեց սպունգ մը առաւ՝ քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցնելով տուաւ անոր որպէս զի խմէ։ 49 Միւսները ըսին. «Թո՛ղ տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա ազատելու»։

50 Յիսուս դարձեալ մեծ ձայնով աղաղակեց ու հոգին աւանդեց։

51 Ահա տաճարին վարագոյրը վերէն վար երկուքի ճեղքուեցաւ, երկիր շարժեցաւ, քարերը պատռեցան, 52 Գերեզմանները բացուեցան ու շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմիններ յարութիւն առին։ 53 Եւ գերեզմաններէն ելան անոր յարութենէն յետոյ, մտան սուրբ քաղաքը ու շատերու երեւցան։

54 Բայց հարիւրապետը եւ անոր հետ Յիսուսը պահողները, երբ տեսան երկրաշարժը ու եղած բաները, շատ վախցան ու ըսին. «Արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր»։

55 Հոն շատ կիներ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին, որոնք Գալիլիայէն Յիսուսին ետեւէն եկան իրեն ծառայութիւն ընելու։ 56 Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը եւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԹԱՂՈՒՄԸ

(Մարկ. 15։42-47, Ղուկ. 23։50-56, Յովհ. 19։38-42)

57 Երբ իրիկուն եղաւ, Արիմաթիայէն հարուստ մարդ մը եկաւ, որուն անունը Յովսէփ էր, որ ինքն ալ Յիսուսի աշակերտ էր։ 58 Ասիկա Պիղատոսին քով երթալով՝ Յիսուսին մարմինը խնդրեց. այն ատեն Պիղատոս հրաման ըրաւ որ մարմինը տրուի։ 59 Յովսէփ մարմինը առաւ, մաքուր կտաւով փաթթեց, 60 Ու դրաւ իր նոր գերեզմանին մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ գերեզմանին դուռը մեծ քար մը գլորելով՝ գնաց։ 61 Հոն Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը՝ գերեզմանին դիմաց նստած էին։

ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ ՔՈՎ ՊԱՀԱԿՆԵՐ

62 Հետեւեալ օրը, որ ուրբաթէն յետոյ էր, քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողվուեցան Պիղատոսին քով 63 Ու ըսին. «Տէ՛ր, կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ’ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’, 64 Ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։ 65 Պիղատոս անոնց ըսաւ. «Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ’ուզէք»։ 66 Անոնք ալ գացին գերեզմանին զգուշութիւն ըրին, քարը կնքելով ու պահապան զինուորներ դնելով։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

(Մարկ. 16։1-10, Ղուկ. 24։1-12, Յովհ. 20։1-10)

28 1 Շաբաթ գիշերը, երբ մէկշաբթին կը լուսնար, եկան Մարիամ Մագդաղենացին ու միւս Մարիամը գերեզմանը տեսնելու։ Ահա մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, վասն զի Տէրոջը հրեշտակը երկինքէն իջնելով, գնաց դռնէն մէկդի գլորեց քարը ու անոր վրայ նստաւ։ Անոր տեսքը փայլակի պէս էր ու անոր հանդերձները՝ ձիւնի պէս ճերմակ։ Անոր վախէն պահապանները խռովեցան ու մեռածի պէս եղան։ Հրեշտակը ըսաւ կիներուն. «Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ։ Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը պառկած էր։ Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ ‘Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ, հոն պիտի տեսնէք զանիկա’. ահա ձեզի ըսի»։ Անոնք շուտ մը գերեզմանէն ելան վախով ու մեծ ուրախութիւնով եւ վազեցին աշակերտներուն պատմելու։

Երբ կ’երթային անոր աշակերտներուն պատմելու, Յիսուս անոնց դէմը ելաւ ու ըսաւ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք մօտենալով անոր ոտքերը բռնեցին ու երկրպագութիւն ըրին անոր։ 10 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն»։

ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

11 Երբ անոնք կ’երթային, պահապան զինուորներէն մէկ քանին քաղաքը գացին ու քահանայապետներուն պատմեցին բոլոր եղած բաները։ 12 Անոնք ալ ծերերուն հետ հաւաքուելով ու խորհուրդ ընելով՝ շատ ստակ տուին զինուորներուն, 13 Ու ըսին. «Ըսէք թէ ‘Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք’։ 14 Եթէ այդ բանը կուսակալին ականջը հասնի, մենք զանիկա կը հաճեցնենք եւ ձեզ ապահով կ’ընենք»։ 15 Անոնք ալ ստակը առին ու սորվածնուն պէս ըրին. եւ այս ձայնը Հրեաներուն մէջ տարածուեցաւ մինչեւ այսօր։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ Կ’ԵՐԵՒԻ

(Մարկ. 16։14-18, Ղուկ. 24։36-49, Յովհ. 20։19-23, Գործ. 1։6-8)

16 Իսկ տասնմէկ աշակերտները գացին Գալիլիա, այն լեռը ուր Յիսուս իրենց որոշեր էր։ 17 Երբ զանիկա տեսան, երկրպագութիւն ըրին անոր, բայց ոմանք տարակուսեցան։ 18 Յիսուս մօտենալով՝ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ։ 19 Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. 20 Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ Ամէն։