ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՄԻՔԻԱՅ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՄԻՔԻԱՅ

1 1 Տէրոջը խօսքը, որ Յուդայի թագաւորներուն, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը Մօրստացի Միքիային եղաւ եւ Սամարիայի ու Երուսաղէմի վրայով անոր յայտնուեցաւ.

ՈՂԲ ՄԸ ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ԵՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՄԱՐ

 «Լսեցէ՛ք, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ,

Մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ երկիր ու անոր բոլոր բնակիչներ։

Տէր Եհովան ձեզի դէմ վկայ ըլլայ,

Տէրը՝ ինք իր սուրբ տաճարէն։

 Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն պիտի ելլէ

Եւ պիտի իջնէ ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ պիտի պտըտի։

 Լեռները անոր տակ պիտի շարժին,

Հովիտները պիտի հալին՝

Կրակին առջեւ հալած մոմի պէս

Ու զառիվայրէն թափուած ջուրի պէս։

 Այս բոլորը պիտի ըլլան Յակոբին յանցանքին համար

Ու Իսրայէլին տանը մեղքին համար։

Յակոբին յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Սամարիան չէ՞։

Եւ Յուդային բարձր տեղերուն յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Երուսաղէմը չէ՞։

 Ուստի Սամարիան դաշտի քարակոյտի

Ու այգի տնկելու տեղի պիտի վերածեմ,

Անոր քարերը ձորին մէջ պիտի գլորեմ

Ու անոր հիմերը պիտի բանամ։

 Անոր բոլոր կուռքերը պիտի կոտրտին

Ու անոր բոլոր նուիրուած բաները կրակով պիտի այրին։

Անոր բոլոր արձանները բնաջինջ պիտի ընեմ.

Քանզի անոնք պոռնկատունի մը վարձքով հաւաքեց

Ու անոնք պոռնկատուն պիտի դառնան։

 Ասոր համար պիտի ողբամ ու պիտի հառաչեմ,

Անծածկոյթ ու մերկ պիտի շրջիմ.

Չագալներու պէս՝ կոծ ու ջայլամներու պէս սուգ պիտի ընեմ։

 Քանզի անոր վէրքերը անբուժելի են,

Քանզի մինչեւ Յուդա եկաւ,

Մինչեւ իմ ժողովուրդիս՝ դուռը, մինչեւ Երուսաղէմ հասաւ։

ԹՇՆԱՄԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ

10 Գէթի մէջ մի՛ պատմէք ու բնաւ մի՛ լաք։

Բեթափրայի մէջ փոշիի մէջ թաւալէ։

11 Ո՛վ Սափիրի բնակիչ, քու մերկութիւնդ բանալով անցի՛ր.

Սաանանի բնակիչ, դուրս մի՛ ելլեր,

Բեթեսելի կոծը իր օթեւանը ձեզմէ պիտի հեռացնէ։

12 Վասն զի Մարօթի բնակիչները անձկութեամբ կը սպասեն,

Քանզի մինչեւ Երուսաղէմի դուռը Տէրոջմէ չարիք իջաւ։

13 Երիվարը կառքին լծէ՛, ո՛վ Լաքիսի բնակիչ

Սիօնի աղջկան մեղքին սկիզբը ասիկա է.

Քանզի Իսրայէլի յանցանքները քու մէջդ գտնուեցան։

14 Անոր համար Մօրեսեթ–Գէթին ընծաներ պիտի տաս.

Աքեզիբի տուները Իսրայէլի թագաւորներուն սուտ պիտի խօսին։

15 Տակաւին քեզի ժառանգ պիտի բերեմ, ո՛վ Մարեսայի բնակիչ.

Իսրայէլի փառքը մինչեւ Ոդողոմ պիտի հասնի։

16 Քու սիրելի որդիներուդ համար մազերդ փետտէ՛ ու կտրէ՛,

Կնտութիւնդ արծիւի պէս շատցուր,

Քանզի անոնք քեզմէ գերութեան պիտի երթան։

ԱՂՔԱՏԸ ՆԵՂՈՂՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

2 1 Վա՜յ անոնց, որ անօրէնութիւն կը խորհին

Ու իրենց անկողիններուն մէջ չարութիւն կը մտածեն

Եւ առաւօտեան լոյսին ատենը զանոնք կը գործադրեն,

Քանզի իրենց ձեռքերուն մէջ ոյժ կայ։

 Անոնք ագարակներու կը ցանկան ու զանոնք կը յափշտակեն,

Տուներու՝ զանոնք կ’առնեն։

Մարդուն՝ իր տանը,

Մարդուն ու իր ժառանգութեանը զրկանք կ’ընեն։

 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

«Ահա ես ձեր ազգին համար չարիք կը խորհիմ,

Ուրկէ պիտի չկրնաք ձեր պարանոցը հանել

Ու պիտի չկրնաք հպարտութեամբ քալել,

Վասն զի ժամանակը չար է։

 Այն օրը ձեր վրայ առակ պիտի շինեն

Ու դառն ողբով պիտի ողբան ու ըսեն.

‘Բոլորովին յափշտակուեցանք.

Իմ ժողովուրդիս բաժինը փոխեց,

Զանիկա ի՜նչպէս ինձմէ վերցուց.

Մեր ագարակները ետ տալու տեղ՝ բաժնեց’»։

 Անոր համար Տէրոջը ժողովին մէջ

Վիճակով լար քաշող մը պիտի չունենաս։

 Մարգարէութիւն ընողներուն՝

«Մարգարէութիւն մի՛ ընէք», կ’ըսեն.

«Անոնց մարգարէութիւն պիտի չընեն, քանզի նախատինքը պիտի չվերնայ»։

 Ո՛վ Յակոբի տուն, միթէ Տէրոջը հոգին կարճցա՞ւ,

Անոր գործերը ասո՞նք են.

Միթէ իմ խօսքերս ուղղութեամբ քալողին աղէկ չե՞ն։

 Իմ ժողովուրդս շատոնց ոտքի ելաւ թշնամի ըլլալու համար։

Ապահովութեամբ անցնողներէն, պատերազմի դարձողներէն

Հանդերձներուն վրայէն պատմուճանը կը կողոպտէք։

 Իմ ժողովուրդիս կիները իրենց զուարճալի տուներէն կը վռնտէք,

Անոնց տղաքներէն իմ փառքս կ’առնէք յաւիտեան։

10 Ելէ՛ք ու գացէ՛ք,

Քանզի ասիկա հանգստութեան տեղ չէ։

Պիղծ ըլլալուն պատճառով

Մեծ կործանումով բնաջինջ պիտի ըլլայ։

11 Եթէ մարդ մը հովի եւ ունայնութեան ետեւէ երթայ

Ու ստութիւն խօսի՝ ըսելով՝

«Գինիի ու օղիի համար քեզի մարգարէութիւն ընեմ»,

Անիկա պիտի ըլլայ այս ժողովուրդին մարգարէն։

12 Ո՜վ Յակոբ, ամէնքդ անշուշտ պիտի հաւաքեմ,

Իսրայէլի մնացորդը պիտի հաւաքեմ,

Բօսրայի ոչխարներուն պէս,

Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի բերեմ։

Մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ պիտի ըլլայ։

13 Խրամատ բացողը անոնց առջեւ ելաւ։

Անոնք խրամատ բացին ու դռնէն անցան եւ անկէ ելան։

Անոնց թագաւորը անոնց առջեւ անցաւ։

Տէրը՝ իբրեւ անոնց գլուխը՝ առջեւէն կ’երթար։

ՄԻՔԻԱՅԻ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԻՇԽԱՆՆԵՐՈՒՆ

3 1 Ու ըսի. «Հիմա լսեցէ՛ք, ո՛վ Յակոբի գլխաւորներ

Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ.

Պէտք չէ՞ որ դուք իրաւունքը ճանչնաք,

 Դուք որ աղէկութիւնը կ’ատէք ու չարութիւնը կը սիրէք,

Մարդոց վրայէն մորթերն ու անոնց ոսկորներէն միսերը կը հանէք։

 Անոնք, որ իմ ժողովուրդիս միսը կ’ուտեն,

Անոնց վրայէն մորթերը կը հանեն,

Անոնց ոսկորները կը փշրեն,

Զանոնք պտուկի մէջ ու կաթսայի մէջ եփելու միսի պէս կտոր կտոր կ’ընեն,

 Այն ատեն Տէրոջը պիտի աղաղակեն,

Բայց անոնց պատասխան պիտի չտայ

Ու այն ժամանակ իր երեսը անոնցմէ պիտի ծածկէ,

Վասն զի անոնք չար գործեր ըրին։

 Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այն մարգարէներուն համար,

Որոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն,

Իրենց ակռաներովը կը խածնեն,

Խաղաղութիւն կը քարոզեն,

Անոնց բերանը բան չեն դներ,

Բայց անոր դէմ պատերազմ կը հրատարակեն։

 Անոր համար ձեզի գիշեր պիտի ըլլայ,

Որպէս զի տեսիլք չտեսնէք։

Ձեզի խաւար պիտի ըլլայ,

Որպէս զի գէշութիւն չընէք։

Մարգարէներուն վրայ արեւը պիտի մտնէ,

Անոնց վրայ օրը պիտի խաւարի,

 Տեսանողները պիտի ամչնան,

Գուշակողները ամօթով պիտի ըլլան.

Ամէնքն ալ իրենց շրթունքը պիտի ծածկեն,

Վասն զի Աստուծմէ պատասխան մը պիտի չըլլայ։

 Սակայն ես Տէրոջը Հոգիովը՝

Զօրութեամբ, դատաստանով եւ արիութեամբ լեցուած եմ,

Որպէս զի Յակոբին իր յանցանքը

Ու Իսրայէլին իր մեղքը յայտնեմ։

 Հիմա ասիկա լսեցէ՛ք,

Ո՛վ Յակոբի տանը գլխաւորներ

Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ,

Դուք որ իրաւունքէն կը զզուիք,

Ամէն ուղղութիւն կը ծռէք,

10 Սիօնը՝ արիւններով,

Երուսաղէմը անիրաւութեամբ կը շինէք։

11 Անոր գլխաւորները կաշառքով կը դատեն,

Անոր քահանաները վարձքով կը սորվեցնեն,

Անոր մարգարէները ստակով գուշակութիւն կ’ընեն։

Տէրոջը վրայ կը կռթնին ու կ’ըսեն.

«Չէ՞ որ Տէրը մեր մէջ է.

Մեր վրայ չարիք պիտի չգայ»։

12 Ուրեմն ձեր պատճառով Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի,

Երուսաղէմ՝ աւերակներու դէզեր,

Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ։

ՏԷՐՈՋԸ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

4 1 Բայց վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը

Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի,

Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ,

Ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն

 Եւ շատ ազգեր պիտի երթան ու ըսեն.

«Եկէ՛ք, Եհովային լեռը,

Յակոբին Աստուծոյն տո՛ւնը ելլենք,

Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ,

Որ անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։

Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն

Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի յայտնուի։

 Անիկա շատ ժողովուրդներու մէջ դատաստան պիտի ընէ,

Զօրաւոր ազգերը՝ մինչեւ հեռաւոր տեղերը՝ պիտի յանդիմանէ։

Անոնք իրենց սուրերը՝ խոփեր,

Իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն։

Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ

Եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին,

 Հապա ամէն մարդ իր որթատունկին տակ

Ու իր թզենիին տակ պիտի նստի,

Վախցնող պիտի չըլլայ.

Վասն զի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ։

 Քանզի բոլոր ժողովուրդները՝

Ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ,

Բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից

Մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք։

ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՔՍՈՐԷ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ

 «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, կաղը պիտի հաւաքեմ

Ու աքսորուածը պիտի հաւաքեմ,

Զանիկա ալ, որ նեղեցի։

 Կաղը մնացորդ պիտի ընեմ,

Հեռուն վռնտուածը՝ զօրաւոր ազգ»։

Տէրը Սիօն լերանը վրայ պիտի թագաւորէ անոնց վրայ,

Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

 Դո՛ւն, ո՛վ հօտի աշտարակ, Սիօնի աղջկան բլո՛ւր,

Մինչեւ քեզի պիտի գայ,

Քեզի պիտի հասնի, առաջուան իշխանութիւնը

Ու թագաւորութիւնը՝ Երուսաղէմին աղջկան։

 Հիմա ինչո՞ւ բարձրաձայն կը պոռաս.

Միթէ քու մէջդ թագաւոր չկա՞յ,

Կամ քու խորհրդականդ կորսուեցա՞ւ,

Որ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւ բռնեց։

10 Ցաւ քաշէ՛ ու ծննդականի պէս երկունքի մէջ եղի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,

Քանզի հիմա քաղաքէն պիտի ելլես

Ու դաշտի մէջ պիտի բնակիս

Ու մինչեւ Բաբելոն պիտի երթաս

Եւ հոն պիտի ազատիս։

Հոն Տէրը քեզ պիտի ազատէ քու թշնամիներուդ ձեռքէն։

11 Հիմա քու վրադ շատ ազգեր հաւաքուեցան, որոնք կ’ըսեն.

«Թող անիկա պղծուի

Ու մեր աչքերը Սիօնը թող տեսնեն»։

12 Բայց անոնք Տէրոջը խորհուրդները չեն գիտեր

Ու անոր դիտաւորութիւնը չեն հասկնար,

Քանզի ինք զանոնք կը հաւաքէ՝ ինչպէս որաները կալին մէջ կը հաւաքուին։

13 Ելի՛ր ու կալը ծեծէ՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,

Քանզի քու եղջիւրդ երկաթէ պիտի ընեմ,

Քու կճղակներդ պղնձէ պիտի ընեմ

Ու շատ ժողովուրդներ պիտի մանրես։

Անոնց վաստակը՝ Եհովային

Եւ անոնց ստացուածքը բոլոր երկրին Տէրոջը պիտի նուիրեմ։

5 1 Հիմա, ո՛վ ամրութեան աղջիկ, քեզ ամրացուր.

Մեզ պաշարած են։

Գաւազանով պիտի զարնեն Իսրայէլի դատաւորին ծնօտին։

ՏԷՐԸ ՓՐԿԻՉ ՄԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԲԵԹԼԷՀԷՄԻՆ

 Եւ դո՛ւն, ո՛վ Բեթլեհէմ Եփրաթա,

Թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես,

Բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ։

Ու անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է։

 Անոր համար անոնց ձեռք պիտի տայ՝

Մինչեւ ծնանողին ծնանելու ժամանակը

Եւ անոր եղբայրներուն մնացորդը

Իսրայէլի որդիներուն պիտի դառնայ։

 Անիկա պիտի կենայ ու Տէրոջը զօրութիւնովը

Եւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը մեծավայելչութիւնովը պիտի հովուէ։

Անոնք պիտի բնակին.

Քանզի հիմա մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի մեծնայ։

ԱԶԱՏՈՒՄ ԵՒ ՊԱՏԻԺ

 Անիկա խաղաղութիւն պիտի բերէ,

Երբ Ասորեստանցին մեր երկիրը մտնէ

Ու մեր պալատներուն մէջ ոտք կոխէ,

Անոր դէմ եօթը հովիւ

Եւ ութ իշխաններ պիտի հանենք։

 Անոնք Ասորեստանը սուրով

Ու Նեբրովթը իր դռներուն մէջ պիտի սպառեն։

Անիկա մեզ պիտի ազատէ Ասորեստանցիներէն,

Երբ անոնք մեր երկիրը մտնեն

Ու մեր սահմաններուն մէջ ոտք կոխեն։

 Յակոբին մնացորդը շատ ժողովուրդներու մէջ

Ցօղի պէս պիտի ըլլայ, որ Տէրոջմէ կու գայ

Եւ շաղի պէս, որ կանանչ խոտի վրայ կ’իջնէ.

Որ մարդէ չի սպասեր

Ու մարդու որդիներէն չի յուսար։

 Յակոբին մնացորդը ազգերու մէջ,

Շատ ժողովուրդներու մէջ այնպէս պիտի ըլլայ,

Ինչպէս առիւծ մը՝ անտառի գազաններուն մէջ,

Կամ առոյգ առիւծ մը՝ ոչխարներու հօտերուն մէջ,

Որ եթէ անցնի՝ կը կոխկռտէ ու կը պատառէ

Եւ ազատող մը չ’ըլլար։

 Քու ձեռքդ քու հակառակորդներուդ վրայ պիտի բարձրանայ

Ու բոլոր թշնամիներդ պիտի կոտրտին։

10 «Եւ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,

Քու ձիերդ քու մէջէդ բնաջինջ պիտի ընեմ,

Քու կառքերդ պիտի կորսնցնեմ.

11 Քու երկրիդ քաղաքները բնաջինջ պիտի ընեմ,

Բոլոր պարիսպներդ պիտի փլցնեմ.

12 Քու ձեռքէդ կախարդութիւնները բնաջինջ պիտի ընեմ,

Ա՛լ գուշակութիւն ընողներ պիտի չունենաս։

13 Քու մէջէդ քու կուռքերդ

Ու արձաններդ բնաջինջ պիտի ընեմ

Ու ա՛լ քու ձեռքերուդ գործերուն երկրպագութիւն պիտի չընես։

14 Քու մէջէդ Աստարովթի կուռքերը պիտի կործանեմ

Ու քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ։

15 Ինծի մտիկ չընող ազգերէն

Սրտմտութեամբ ու բարկութեամբ վրէժ պիտի առնեմ»։

ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԴԷՄ

6 1 Հիմա Տէրոջը ըսածը լսեցէ՛ք։

«Ելի՛ր ու լեռներուն առջեւ դատ վարէ՛

Եւ բլուրները քու ձայնդ թող լսեն»։

 «Ո՛վ լեռներ ու երկրի ամուր հիմեր,

Տէրոջը դատը լսեցէ՛ք,

Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին հետ դատ ունի

Ու Իսրայէլին հետ պիտի վիճի»։

 «Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քեզի ի՞նչ ըրի

Ու ի՞նչ բանով քեզ յոգնեցուցի.

Ինծի պատասխան տո՛ւր,

 Վասն զի քեզ Եգիպտոսէն հանեցի

Ու ծառայութեան տունէն քեզ փրկեցի

Եւ քու առջեւէդ Մովսէսը, Ահարոնն ու Մարիամը ղրկեցի։

 Ո՛վ իմ ժողովուրդս, միտքդ բե՛ր

Ինչ որ Մովաբացիներու Բաղակ թագաւորը խորհեցաւ

Ու ինչ որ Բէովրեան Բաղաամը անոր պատասխանեց

Եւ ինչ որ եղաւ Սատիմէն մինչեւ Գաղգաղա,

Որպէս զի Տէրոջը արդարութիւնը գիտնաս»։

ՏԷՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

 «Տէրոջը առջեւ ինչո՞վ երթամ

Ու Բարձրեալ Աստուծոյն առջեւ իյնամ.

Արդեօք անոր առջեւ ողջակէզներո՞վ,

Մէկ տարեկան հորթերո՞վ երթամ։

 Արդեօք Տէրը հազարաւոր խոյերու

Կամ բիւրաւոր իւղի գետերու պիտի հաւնի՞.

Արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կս

Ու հոգիիս մեղքին համար որովայնիս պտո՞ւղը տամ»։

 Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը

Ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ,

Բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել

Ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել։

 Տէրոջը ձայնը քաղաքին կը կանչէ

Ու իմաստունը քու անունդ պիտի տեսնէ.

«Գաւազանին մտիկ ըրէ՛ք, որ զայն կը պատրաստէ»։

10 Անօրէնին տանը մէջ տակաւին անօրէնութեան գանձեր կա՞ն

Ու պակաս արդու՝ որ պիղծ է։

11 Միթէ անօրէնութեան կշիռներ

Ու խարդախ քարերու քսակ ունեցողը մաքուր պիտի սեպե՞մ։

12 Քանզի անոր հարուստները զրկանքով լեցուն են

Եւ անոր բնակիչները սուտ կը խօսին

Ու իրենց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու ունին։

13 Ուստի ես ալ քեզ զարնելով պիտի հիւանդացնեմ

Եւ քու մեղքերուդ համար քեզ պիտի ամայացնեմ։

14 Դուն պիտի ուտես ու պիտի չկշտանաս

Եւ քու անօթութիւնդ փորիդ մէջ պիտի ըլլայ։

Պիտի յափշտակես, բայց պիտի չկարենաս ազատել

Ու ազատածդ սուրի պիտի մատնեմ։

15 Դուն պիտի սերմանես, բայց պիտի չհնձես.

Դուն ձիթապտուղ պիտի կոխես, բայց իւղով պիտի չօծուիս.

Քաղցու պիտի պատրաստես, բայց գինի պիտի չխմես։

16 Քանզի Ամրիին հրամանները կը պահուին

Եւ Աքաաբին տանը բոլոր գործերը

Եւ դուք անոնց խորհուրդներովը կը քալէք,

Որպէս զի քեզ ամայացնեմ

Եւ քու բնակիչներդ՝ սուլելու ենթակայ.

Ուստի իմ ժողովուրդիս նախատինքը պիտի կրէք»։

ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՆԿՈՒՄԸ

7 1 Վա՜յ ինծի, որ ամառնային պտուղը քաղուածի պէս,

Այգեկութէն մնացած ճիռերու պէս եղայ։

Ուտելու ողկոյզ չկայ։

Հոգիս կանխահաս պտուղներու կը ցանկայ։

 Բարեպաշտը երկրէն կորսուեցաւ։

Մարդոց մէջ ուղիղ մէկը չկայ։

Ամէնքը արիւններու համար դարան կը մտնեն։

Ամէն մարդ իր եղբայրը որոգայթով կ’որսայ։

 Ձեռքերով չարութիւն ընելու համար

Իշխանը պարգեւ կը պահանջէ

Եւ դատաւորը կաշառքի կը նայի։

Մեծ մարդը իր սրտին ցանկութեանը համեմատ կը խօսի։

Այսպէս զանիկա կը ծռեն։

 Անոնց աղէկը՝ փուշի պէս,

Շիտակը փշեղէն ցանկէն գէշ է.

Քու դէտերուդ օրը քու պատիժդ եկաւ,

Անոնց շփոթութիւնը հիմա պիտի ըլլայ։

 Բարեկամի մի՛ հաւատաք,

Մտերիմ բարեկամի մի՛ ապաւինիք,

Ծոցդ պառկողէն բերնիդ դռներուն հսկէ՛,

 Քանզի տղան իր հայրը կ’անարգէ,

Աղջիկը՝ իր մօրը դէմ ու հարսը իր կեսուրին դէմ կ’ելլէ.

Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքն են։

 Բայց ես Տէրոջը պիտի սպասեմ,

Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ,

Իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ։

ՏԷՐԸ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԷ

 Ո՛վ իմ թշնամիս, վրաս մի՛ խնդար.

Թէեւ իյնամ՝ պիտի ելլեմ,

Թէեւ խաւարի մէջ նստիմ՝ Տէրը ինծի լոյս պիտի ըլլայ։

 Տէրոջը բարկութիւնը պիտի կրեմ

Քանզի անոր դէմ մեղք գործեցի

Մինչեւ անիկա իմ դատս պաշտպանէ ու ինծի իրաւունք ընէ,

Զիս լոյսը հանէ ու իրեն արդարութիւնը տեսնեմ։

10 Այն ատեն իմ թշնամիս պիտի տեսնէ.

Ամօթը պիտի ծածկէ զանիկա, որ ինծի կ’ըսէր թէ՝

«Ո՞ւր է քու Տէր Աստուածդ»։

Իմ աչքերս զանիկա պիտի տեսնեն.

Հիմա անիկա փողոցներուն ցեխին պէս ոտքի կոխան պիտի ըլլայ։

11 Այն օրը որ քու պարիսպներդ շինուին

Նոյն օրը Աստուծոյ խօսքը հեռացած պիտի ըլլայ։

12 Այն օրը Ասորեստանէն եւ պարսպապատ քաղաքներէն

Ու պարիսպէն մինչեւ Գետը

Եւ ծովէ ծով ու լեռնէ լեռ քեզի պիտի գան։

13 Սակայն երկիրը ամայի պիտի ըլլայ իր բնակիչներուն պատճառով,

Որպէս զի իրենց գործերուն պտուղէն ուտեն։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԿԸ ԿԱՐԵԿՑԻ

14 Քու գաւազանովդ հովուէ՛ քու ժողովուրդդ,

Քու ժառանգութեանդ խաշինքը,

Որ առանձին անտառ մը կը նստի Կարմեղոսի մէջ։

Անոնք հին օրերու պէս

Բասանի ու Գաղաադի մէջ թող արածին։

15 Անոր հրաշքներ պիտի ցուցնեմ,

Ինչպէս այն օրերը, երբ Եգիպտոսէն ելար։

16 Ազգերը պիտի տեսնեն

Ու իրենց բոլոր քաջութենէն պիտի ամչնան։

Բերնի վրայ ձեռք պիտի դնեն

Ու անոնց ականջները պիտի խլանան։

17 Օձի պէս հող պիտի լզեն,

Երկրի սողուններուն պէս

Իրենց պահուըտած տեղերուն մէջ պիտի դողան,

Մեր Տէր Աստուծմէն պիտի զարհուրին

Ու քեզմէ պիտի վախնան։

18 Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ,

Որ անօրէնութեան կը ներէ

Ու իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ.

Իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր,

Քանզի ողորմութիւնը կը սիրէ։

19 Անիկա պիտի դառնայ, մեզի ողորմութիւն պիտի ընէ,

Մեր անօրէնութիւնները ոտքին տակ պիտի առնէ։

Այո՛, անոնց բոլոր մեղքերը

Ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետես։

20 Յակոբին ճշմարտութիւն պիտի ընես

Եւ Աբրահամին՝ ողորմութիւն,

Ինչպէս հին օրերէն ի վեր

Մեր հայրերուն երդումով խոստացեր ես։