ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ

ԹՈՒՂԹ ՊՕՂՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԱՌ ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ

1 1 Պօղոս, առաքեալ եղած, ո՛չ թէ մարդոցմէ, կամ ո՛չ թէ մարդու ձեռքով, հապա Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եւ Հօր Աստուծոյ՝ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց Եւ բոլոր եղբայրները, որոնք ինծի հետ են՝ Գաղատիոյ եկեղեցիներուդ. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հօր Աստուծմէն ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն, Որ իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէս զի մեզ փրկէ հիմակուան չար աշխարհէն՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը կամքին համեմատ, Որուն փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

ՄԷԿ ԱՒԵՏԱՐԱՆ

Կը զարմանամ որ շուտով կը լքէք այն մէկը, որ ձեզ Քրիստոսի շնորհքին կանչեց եւ կը դառնաք ուրիշ աւետարանի. Մինչ ուրիշ աւետարան չկայ բայց կան ոմանք որոնք ձեզ կը խռովեցնեն ու կ’ուզեն Քրիստոսին աւետարանը խանգարել, Բայց եթէ մենք, կամ երկնքէն հրեշտակ մը գայ, աւետարանէ ձեզի անկէ տարբերը՝ որ մենք աւետարանեցինք ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ։ Ինչպէս առաջ ըսինք, հիմա ալ նորէն կ’ըսեմ. «Եթէ մէկը ձեր ընդունածէն ուրիշ աւետարան քարոզելու ըլլայ ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ»։ 10 Քանզի հիմա մարդի՞կ կը հաճեցնեմ, թէ՝ Աստուած. կամ մարդո՞ց հաճելի ըլլալ կը փնտռեմ։ Քանզի եթէ ես տակաւին մարդոց հաճելի ըլլայի, ա՛լ Քրիստոսին ծառայ չէի ըլլար։

ՊՕՂՈՍ Ի՞ՆՉՊԷՍ ԱՌԱՔԵԱԼ ԵՂԱՒ

11 Կը ծանուցանեմ ձեզի, եղբայրներ, այն աւետարանը որ ինձմէ քարոզուեցաւ, թէ անիկա մարդու բան չէ։ 12 Որովհետեւ ես ալ մարդէ չառի զանիկա, եւ մէկէ՛ն ալ չսորվեցայ, հապա Յիսուս Քրիստոսին յայտնութենէն։ 13 Վասն զի լսած էք դուք իմ նախկին վարմունքս Հրէութեան մէջ, ինչպէ՜ս չափէ դուրս կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին ու կը կործանէի զանիկա 14 Եւ իմ հայրենի աւանդութիւններուս խիստ նախանձախնդիր ըլլալով՝ իմ ազգիս մէջ եղած շատ հասակակիցներէս աւելի յառաջադէմ էի Հրէութեան մէջ։ 15 Բայց երբ Աստուած ուզեց, (որ որոշեց զիս իմ մօրս որովայնէն եւ իր շնորհքովը զիս կանչեց,) 16 Ինծի իր Որդին յայտնել, որպէս զի զանիկա հեթանոսներուն մէջ քարոզեմ, նոյն ատեն բան մը չիմացուցի մարմնին ու արիւնին, 17 Ո՛չ ալ Երուսաղէմ ելայ ինձմէ առաջ առաքեալ եղողներուն քով, հապա Արաբիա գացի ու նորէն Դամասկոս դարձայ։ 18 Ապա՝ երեք տարի յետոյ Երուսաղէմ գացի Պետրոսը տեսնելու եւ տասնըհինգ օր անոր քով կեցայ. 19 Սակայն առաքեալներէն ուրիշ մէկը չտեսայ, բայց միայն Յակոբոսը՝ Տէրոջը եղբայրը։ 20 Բայց աս որ կը գրեմ ձեզի՝ ահա Աստուծոյ առջեւ կը հաստատեմ, որ սուտ չեմ խօսիր։ 21 Անկէ ետքը գացի Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ կողմերը 22 Եւ զիս դէմ առ դէմ չէին ճանչնար այն եկեղեցիները՝ որոնք Հրէաստանի մէջ էին Քրիստոսով. 23 Միայն թէ անոնք լսած էին թէ «Ան որ ատենօք մեզ կը հալածէր, հիմա ինք այն հաւատքը կը քարոզէ՝ որ ատեն մը կը կործանէր» 24 Ու ինձմով Աստուած կը փառաւորէին։

ՊՕՂՈՍ ԵՒ ՄԻՒՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ

2 1 Տասնըչորս տարի յետոյ նորէն Երուսաղէմ գացի Բառնաբասին հետ՝ Տիտոսն ալ մէկտեղ առնելով։ Ելայ յայտնութիւնով ու անոնց իմացուցի այն աւետարանը՝ որ հեթանոսներուն մէջ կը քարոզեմ, բայց առանձին անոնց՝ որոնք երեւելիներ էին, որ չըլլայ թէ պարապ տեղ վազեմ կամ վազած ըլլամ։ Բայց ինծի հետ եղող Տիտոսն ալ, որ Յոյն էր, չպարտաւորուեցաւ թլփատուիլ. Մանաւանդ ներս սպրդող սուտ եղբայրներուն համար՝ որոնք սահելով ներս մտան Քրիստոս Յիսուսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու համար, որպէս զի մեզ ծառայեցնեն. Որոնց նոյնիսկ քիչ մը ատեն մտիկ չըրինք, որպէս զի աւետարանին ճշմարտութիւնը հաստատուն մնայ ձեր մէջ։ Բայց անոնք որ բան մը կը կարծուէին, ինչ որ էին՝ այն իմ հոգս չէ. Աստուած մարդոց աչառութիւն չ’ըներ, վասն զի այնպէս կարծուածները բան մը չիմացուցին ինծի։ Հապա անոր հակառակը՝ երբ տեսան թէ անթլփատներուն աւետարանը ինծի յանձնուած է, ինչպէս Պետրոսին ալ՝ թլփատուածներունը, (Վասն զի ան որ Պետրոսին յաջողութիւն տուաւ թլփատուածներուն առաքելութիւն ընելու, ինծի ալ՝ հեթանոսներունը,) Ու երբ ինծի տրուած շնորհքը գիտցան ու Յակոբոսն ու Կեփասը եւ Յովհաննէսը, որոնք սիւներ սեպուած էին, աջ ձեռքերնին տուին ինծի ու Բառնաբասին՝ ի նշան հաղորդակցութեան, որպէս զի մենք հեթանոսներուն մէջ երթանք ու անոնք՝ թլփատուածներուն. 10 Միայն թէ կը կամենային որ աղքատները յիշենք եւ ես ալ աշխատեցայ բան մը ընել։

ՊՕՂՈՍ ՊԵՏՐՈՍԸ ԿԸ ՍԱՍՏԷ

11 Երբ Պետրոս Անտիոք եկաւ, ես անոր դէմ կեցայ. որովհետեւ ինք մեղադրելի էր։ 12 Վասն զի դեռ Յակոբոսին քովէն մէկ քանի հոգի չեկած, ինք հեթանոսներուն հետ անխտրաբար կ’ուտէր. բայց երբ եկան՝ մէկդի կը քաշուէր եւ ինքզինք կը զատէր, վախնալով թլփատուածներէն։ 13 Եւ անոր հետ կեղծաւորուեցան միւս Հրեաներն ալ, այնպէս որ Բառնաբաս ալ անոնց կեղծաւորութեանը հակեցաւ։ 14 Բայց ես երբ տեսայ թէ աւետարանին ճշմարտութեանը մէջ շիտակ չեն քալեր, ամենուն առջեւ Պետրոսին ըսի. «Եթէ դուն, որ Հրեայ ես, հեթանոսի պէս ու ո՛չ թէ Հրեայի պէս կ’ապրիս, ի՞նչպէս հեթանոսները կը ստիպես Հրեայի պէս վարուելու»։

ՀՐԵԱՆԵՐՆ ՈՒ ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐԸ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՓՐԿՈՒԱԾ ԵՆ

15 Մենք որ բուն Հրեայ ենք եւ ոչ թէ հեթանոս մեղաւորներ, 16 Գիտնալով՝ թէ մարդ օրէնքին գործերէն չի կրնար արդարանալ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքէն, մենք ալ Քրիստոս Յիսուսին հաւատացինք՝ որպէս զի արդարանանք Քրիստոսին հաւատքով եւ ո՛չ թէ օրէնքին գործերով, որովհետեւ օրէնքին գործերով ոչ ոք պիտի արդարանայ։ 17 Իսկ եթէ մենք կ’ուզենք Քրիստոսով արդարանալ, մեղաւո՞ր գտնուինք, ուրեմն Քրիստոս մեղքի պաշտօնեա՞յ եղաւ։ Քա՛ւ լիցի։ 18 Քանզի եթէ իմ քակած բաներս նորէն կը շինեմ, իմ անձս յանցաւոր կը ցուցնեմ։ 19 Վասն զի ես օրէնքով մեռայ օրէնքին, որպէս զի Աստուծոյ կենդանի ըլլամ։ 20 Քրիստոսին հետ խաչը ելայ եւ ալ կենդանի եմ ո՛չ թէ ես, հապա Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս. բայց ես որ հիմա մարմնովս կ’ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց։ 21 Ես Աստուծոյ շնորհքը չեմ խափաներ. վասն զի եթէ արդարութիւնը օրէնքէն էր, ուրեմն Քրիստոս պարապ տեղ մեռաւ։

ՕՐԷ՞ՆՔ, ԹԷ ՀԱՒԱՏՔ

3 1 Ո՜վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հրապուրեց, որոնց աչքերուն առջեւ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջ խաչը ելած նկարագրուեցաւ։ Ասիկա միայն կ’ուզեմ ձեզի հարցնել. «Օրէնքին գործերո՞վը դուք Հոգին առիք՝ թէ հաւատքին լսելովը»։ Այդչափ անմի՞տ էք. հոգիով սկսաք ու հիմա մարմնո՞վ կը վերջացնէք։ Այնչափ դիպուածները պարապ տե՞ղ ձեր վրայէն անցան, (եթէ պարապ ըլլայ ալ)։ Ուստի ան որ ձեզի Հոգին բաշխեց եւ ձեր մէջ զօրութիւններ գործեց, օրէնքին գործերո՞վն էր՝ թէ հաւատքին լսելովը։ Ինչպէս Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու անոր արդարութիւն սեպուեցաւ։ Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ անոնք որ հաւատքէն են՝ անոնք են Աբրահամին որդիները։ Գիրքը նախապէս գիտնալով թէ Աստուած հեթանոսները հաւատքով կ’արդարացնէ, կանուխէն աւետիս տուաւ Աբրահամին՝ թէ «Քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»։ Ուստի անոնք որ հաւատքէն են, կ’օրհնուին հաւատացեալ Աբրահամին հետ։ 10 Վասն զի անոնք որ օրէնքին գործերէն են, անէծքի տակ են. վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ ըլլայ ամէն մարդ՝ որ օրէնքին գրքին բոլոր գրածներուն մէջ չի կենար, որպէս զի զանոնք կատարէ»։ 11 Եւ թէ օրէնքով մէ՛կը չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ, այդ յայտնի է. քանզի «Արդարը հաւատքով պիտի ապրի»։ 12 Բայց օրէնքը հաւատքէն չէ, հապա «Ան որ կը կատարէ այն բաները՝ անոնցմով պիտի ապրի»։ 13 Քրիստոս մեզ ծախու առաւ օրէնքին անէծքէն՝ ինք մեզի համար անիծուեցաւ. (վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի».) 14 Որպէս զի Աբրահամին օրհնութիւնը հեթանոսներուն վրայ ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով. որպէս զի մենք ալ հոգիին խոստումները առնենք հաւատքով։

ՕՐԷՆՔ ԵՒ ԽՈՍՏՈՒՄ

15 Մարդու սովորութեան պէս կը խօսիմ, եղբա՛յրներ. իրաւ որ մարդու մը հաստատած կտակը մէ՛կը չի խափաներ, ո՛չ ալ անոր վրայ ուրիշ բան մը կ’աւելցնէ։ 16 Արդ՝ խոստումները Աբրահամին ու անոր սերունդին եղան. քանզի չըսեր. «Եւ քու սերունդներուդ», որպէս թէ շատերու համար, հապա որպէս թէ մէկի համար «Եւ քու սերունդիդ», որ Քրիստոս է։ 17 Բայց այս կ’ըսեմ. այն կտակը որ նախապէս Աստուծմէ հաստատուեցաւ Քրիստոսով, որով Օրէնքը որ չորս հարիւր երեսուն տարի յետոյ դրուեցաւ, չի կրնար անվաւեր դարձնել խոստումները եւ խափանել։ 18 Վասն զի եթէ ժառանգութիւնը օրէնքէն ըլլայ, ուրեմն ա՛լ խոստումէն չ’ըլլար. բայց Աստուած Աբրահամին խոստումով շնորհեց։

ՕՐԷՆՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

19 Հապա ինչո՞ւ համար է օրէնքը։ Օրէնքը աւելցաւ յանցանքը յայտնելու համար, (մինչեւ գայ այն սերունդը՝ որուն խոստացուեր էր,) միջնորդի մը ձեռքով՝ հրեշտակներէ տրուած։ 20 Բայց միջնորդը մէկի միջնորդ չէ. սակայն Աստուած մէկ է։ 21 Ուրեմն օրէնքը հակառա՞կ բան մըն է Աստուծոյ խոստումներուն։ Քա՛ւ լիցի. քանզի եթէ տրուած ըլլար այնպիսի օրէնք մը, որ կարող ըլլար կենդանացնել, այն ատեն իրաւցնէ արդարութիւնը օրէնքէն կ’ըլլար։ 22 Բայց գիրքը բոլոր աշխարհը մեղքի տակ կը ցուցնէ, որպէս զի խոստումը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքովը տրուի հաւատացեալներուն։ 23 Բայց քանի որ հաւատքը չէր եկած, օրէնքին տակ գոցուած կը պահուէինք, սպասելով այն հաւատքին, որ պիտի յայտնուէր։ 24 Ուրեմն օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք։ 25 Բայց երբ հաւատքը եկաւ, ալ օրէնքի տակ չենք։ 26 Վասն զի ամէնքդ ալ Աստուծոյ որդիներ էք, Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքով։ 27 Քանզի դուք ամէնքդ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստոսը վրանիդ հագաք. 28 Այսուհետեւ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ ալ Յոյն. ո՛չ ծառայ կայ, ո՛չ ալ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ ալ էգ. վասն զի դուք ամէնքդ ալ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով։ 29 Ապա եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք ու խոստումին նայելով՝ ժառանգորդներ։

4 1 Բայց այս կ’ըսեմ որչափ ժամանակ որ ժառանգորդը մանուկ է, ծառայէ տարբերութիւն մը չունի, թէեւ ամենուն տէրն է. Հապա խնամակալներու ու հոգաբարձուներու տակ է մինչեւ հօրը որոշած ժամանակը։ Նոյնպէս մենք ալ երբ մանուկ էինք, աշխարհի սկզբունքներուն տակ ծառայ էինք։ Բայց երբ ժամանակը լեցուեցաւ, Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ կնոջմէ եղաւ ու օրէնքի տակ մտաւ. Որպէս զի օրէնքի տակ եղողները փրկէ եւ որպէս զի մենք որդեգրութիւնը ընդունինք։ Որովհետեւ դուք որդիներ էք, Աստուած իր Որդիին Հոգին ձեր սրտերուն մէջ ղրկեց, որ կ’աղաղակէ «Աբբա՛ Հայր»։ Ուստի ա՛լ ծառայ չես, հապա՝ որդի եւ եթէ որդի՝ ա՛լ Աստուծոյ ժառանգորդը Քրիստոսով։

ՊՕՂՈՍԻՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ

Բայց այն ատեն որ չէիք ճանչնար Աստուած, կը ծառայէիք անոնց՝ որոնք ի բնէ աստուածներ չէին։ Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, մանաւանդ որ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս նորէն կը դառնաք այն տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն, որոնց նորէն ծառայութիւն կ’ուզէք ընել։ 10 Օրերը կը զանազանէք ու ամիսները եւ ժամանակները ու տարիները։ 11 Կը վախնամ թէ գուցէ պարապ տեղ ձեր վրայ աշխատած եմ։

12 Ինծի պէս եղէք, վասն զի ես ալ ձեզի պէս եղայ, եղբա՛յրներ, ձեզի կ’աղաչեմ. դուք ինծի վնաս մը հասցուցած չէք։ 13 Դուք գիտէք թէ առաջին անգամ մարմնիս տկարութիւնովը ձեզի աւետարանը քարոզեցի. բայց իմ մարմնիս վրայ կրած փորձութիւնս 14 Չանարգեցիք ու չարհամարհեցիք, հապա Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս զիս ընդունեցիք՝ Քրիստոս Յիսուսին պէս։ 15 Ուրեմն ի՞նչ բանի համար էր այն ձեր երանութիւնը. քանզի ես կը վկայեմ ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար, ձեր աչքերը պիտի հանէիք ու ինծի տայիք։ 16 Ուստի ձեր թշնամի՞ն եղայ ձեզի ճշմարիտը խօսելուս համար։ 17 Անոնք ձեր մասին հոգ կ’ընեն ո՛չ թէ բարիին համար, այլ կ’ուզեն ձեզ արգիլել, որպէս զի իրե՛նց մասին հոգ ընէք։ 18 Սակայն աղէկ է ամէն ատեն բարիին նախանձախնդիր ըլլալ, ո՛չ թէ միայն երբ ձեր մէջ ըլլամ։ 19 Իմ որդեակներս, ձեզմով նորէն ծննդական ցաւ կը քաշեմ, մինչեւ Քրիստոս ձեր մէջ ձեւակերպուի։ 20 Կ’ուզէի հիմա ձեր մէջ ներկայ ըլլալ ու փոխել իմ ձայնս. վասն զի ես ձեր վրայով տարակուսած եմ։

ՀԱԳԱՐԻՆ ԵՒ ՍԱՌԱՅԻՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

21 Ըսէ՛ք ինծի, դուք որ օրէնքին տակ կ’ուզէք ըլլալ, օրէնքը չէ՞ք լսեր։ 22 Վասն զի գրուած է թէ Աբրահամ երկու որդի ունէր, մէկը՝ աղախինէն ու միւսը՝ ազատ կնոջմէն։ 23 Բայց ան որ աղախինէն էր, մարմնի կողմանէ ծնած էր, իսկ ան որ ազատ կնոջմէն՝ խոստումին համեմատ։ 24 Այս բաները այլաբանօրէն կը մեկնուին. վասն զի ասոնք են երկու կտակարանները, մէկը Սինա լեռնէն՝ որ ծառայութեան համար կը ծնանի, որ է Հագար. 25 Վասն զի Հագար Արաբիոյ մէջ Սինա լեռն է եւ կը համեմատի հիմակուան Երուսաղէմին, որ իր զաւակներով մէկտեղ կը ծառայէ։ 26 Բայց վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է։

27 Վասն զի գրուած է. «Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան»։ 28 Ուստի մենք, եղբայրներ, Իսահակին պէս խոստումի որդիներ ենք։ 29 Բայց ինչպէս այն ատեն մարմնի կողմանէ ծնածը կը հալածէր զանիկա որ հոգիին կողմանէ էր, նոյնպէս ալ հիմա։ 30 Բայց գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Դուրս հանէ այդ աղախինը ու անոր որդին, վասն զի աղախինին որդին ազատ կնոջը որդիին հետ ժառանգութիւն պիտի չառնէ»։ 31 Ուստի, եղբա՛յրներ, մենք աղախինին զաւակները չենք, հապա՝ ազատին։

ՊԱՀԵՑԷ՛Ք ՁԵՐ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

5 1 Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի՛ մտնէք։ Ահա ես՝ Պօղոսս՝ կ’ըսեմ ձեզի. «Եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ձեզի օգուտ մը չ’ըներ»։ Դարձեալ ամէն թլփատուող մարդու կը յայտնեմ թէ պարտական է բոլոր օրէնքները կատարել։ Խափանուած էք Քրիստոսէն եւ շնորհքէն ինկած, եթէ օրէնքով կ’արդարանաք։ Վասն զի Հոգիով կը սպասենք արդարութեան յոյսին՝ հաւատքով։ Վասն զի Քրիստոս Յիսուսին քով ո՛չ թլփատութիւնը բանի մը կարող է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւատքը, որ սիրով կը գործադրուի։ Դուք աղէկ կը վազէիք. ո՞վ ձեզ ետ կեցուց՝ որ ճշմարտութեան չհնազանդիք։ Այս դրդումը անկէ չէ՝ որ ձեզ կանչեց։ Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։ 10 Բայց ես յոյս ունիմ ձեր վրայ Տէրոջմով, որ ուրիշ կերպ բան պիտի չխորհիք։ Ան որ ձեզ կը խռովեցնէ, ինք դատապարտութիւն պիտի կրէ՝ ո՛վ որ ըլլայ։ 11 Սակայն, եղբայրներ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ, ալ ինչո՞ւ կը հալածուիմ։ Ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը խափանուած է։ 12 Երանի՜ թէ արմատէն կտրուէին անոնք, որ ձեզ կը խռովեցնեն։

13 Վասն զի դուք ազատութեան կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմնի ցանկութիւններու պատճառ չըլլայ, հապա սիրով իրարու ծառայութիւն ըրէք։ 14 Վասն զի բոլոր օրէնքը այս մէկ խօսքին մէջ կ’ամփոփուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ 15 Ապա եթէ իրար խածնէք եւ ուտէք, զգոյշ կեցէք որ չըլլայ թէ իրար սպառէք։

ՀՈԳԻՆ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ

16 Միայն թէ այս կ’ըսեմ. «Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։ 17 Վասն զի մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ ու հոգին՝ մարմնին հակառակ եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որ չըլլայ թէ ինչ որ ուզէք՝ այն ընէք։ 18 Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ օրէնքին տակ չէք ըլլար։ 19 Արդ մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, 20 Կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, 21 Չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են. զոր հիմակուընէ ես ձեզի կ’ըսեմ, ինչպէս առաջուընէ ալ կ’ըսէի, որ այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ 22 Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, 5։23 քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, 23 Հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։ 24 Անոնք որ Քրիստոսիններն են՝ իրենց մարմինը խաչը կը հանեն բնական կրքերով ու ցանկութիւններով մէկտեղ։ 25 Հոգիով ապրինք, Հոգիին համեմատ քալենք։ 26 Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով։

ԻՐԱՐՈՒ ԲԵՌ ԿՐԵՑԷՔ

6 1 Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս։ Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք։ Քանզի եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ։ Բայց ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ։ Վասն զի ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ։

Խօսքին աշակերտութիւն ընողը իր վարդապետը ամէն բարի բանի մասնակից ընէ։ Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չ’ըլլար։ 6։8 Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ։ Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։ 10 Ուստի՝ քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն։

ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ ԵՒ ԲԱՐԵՒՆԵՐ

11 Նայեցէ՛ք՝ ի՛նչպիսի գրերով գրեցի ձեզի իմ ձեռքովս։ 12 Որոնք որ կ’ուզեն մարմնի կողմանէ բարի երեւնալ, անոնք ձեզ կը ստիպեն որ թլփատուիք, որպէս զի Քրիստոսին խաչին համար չհալածուին։ 13 Քանզի անոնք ալ որ թլփատուած են, իրենք օրէնքը չեն պահեր, հապա կ’ուզեն որ դուք թլփատուիք, որպէս զի իրենք ձեր մարմնով պարծենան։ 14 Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին։ 15 Վասն զի Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը բան մըն է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա նոր ստեղծուած ըլլալն է բանը։ 16 Ան ամէնը որ այս կանոնին համեմատ կը քալեն, խաղաղութիւն ու ողորմութիւն ըլլայ անոնց վրայ ու Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ։ 17 Ասկէ յետոյ մէ՛կը զիս թող չյոգնեցնէ. վասն զի ես Տէր Յիսուսին վէրքին նշանները իմ մարմնիս վրայ կը կրեմ։ 18 Եղբա՛յրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն։