ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 1 Առաջին պատմութիւնը ըրի, ո՛վ Թէոփիլոս, այն ամէն բաներուն վրայ, որոնք Յիսուս սկսաւ ընել եւ սորվեցնել։ Մինչեւ այն օրը, երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէր տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն ու համբարձաւ. Որոնց ինքզինք ցուցուց՝ կենդանի, իր չարչարանքներէն յետոյ շատ ապացոյցներով, քառասուն օրուան մէջ անոնց երեւնալով ու Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայ խօսելով։ Անոնց հետ մէկտեղ գտնուած ատենը ապսպրեց անոնց, որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին, որ ըսաւ. «Ինձմէ լսեցիք, Վասն զի իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք»։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՄԲԱՐՁԱՒ

Անոնք ալ մէկտեղ գալով՝ կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ. Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Եւ երբ այս բաները ըսաւ, մինչ անոնք կը նայէին, համբարձաւ։ Ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն ծածկեց։ 10 Երբ աչքերնին տնկած դէպի երկինք կը նայէին անոր ետեւէն, ահա երկու ճերմակ հանդերձներով մարդ իրենց քով կայնեցան, 11 Որոնք ըսին. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։

ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՅԱՋՈՐԴԸ

12 Այն ատեն Երուսաղէմ դարձան Ձիթենեաց լեռնէն, որ շաբաթ օրուան ճամբու չափ մօտ է Երուսաղէմի։ 13 Երբ քաղաքը մտան ելան վերնատունը, ուր կը բնակէին Պետրոսը եւ Յակոբոսը, Յովհաննէսը եւ Անդրէասը, Փիլիպպոսը եւ Թովմասը, Բարթողիմէոսը եւ Մատթէոսը, Յակոբոս Ալփէոսեանն ու Սիմոն Նախանձայոյզը եւ Յուդա Յակոբեան։ 14 Ասոնք ամէնքը միաբանութեամբ միշտ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէին կիներուն հետ եւ Յիսուսին մօրը Մարիամին ու անոր եղբայրներուն հետ մէկտեղ։

15 Այն օրերը Պետրոս ելաւ աշակերտներուն մէջ, (ուր հարիւր քսան հոգիի չափ հաւաքուած բազմութիւն կար,) ու ըսաւ. 16 «Մարդի՛կ եղբայրներ, պէտք է որ կատարուէր այն գրուածը, որ նախապէս Սուրբ Հոգին Դաւիթին բերնով ըսաւ Յուդայի համար, որ Յիսուսը բռնողներուն առաջնորդ եղաւ. 17 Վասն զի անիկա մեզի հետ էր մեր համրանքին մէջ եւ այս պաշտօնէն ալ բաժին ունէր։ 18 Ասիկա անիրաւութեան վարձքով ագարակ մը ստացաւ ու գլխիվայր իյնալով մէջտեղէն ճեղքուեցաւ եւ իր փորոտիքը դուրս թափուեցաւ։ 19 Ու այս բանը Երուսաղէմ բնակողներուն յայտնի եղաւ, այնպէս որ իրենց լեզուովը այն ագարակին անունը Ակեղդամա դրուեցաւ, այսինքն՝ Արեան Ագարակ։ 20 Վասն զի Սաղմոսներու մէջ գրուած է թէ ‘Անոր բնակարանը աւերակ ըլլայ ու անոր մէջ բնակող մը չըլլայ։ Անոր պաշտօնը ուրիշը առնէ’։ 21 Ուրեմն պէտք է որ այս մարդոցմէն՝ որոնք մեզի հետ էին այն բոլոր ատենը, երբ Տէր Յիսուս մեր մէջ մտաւ ու ելաւ՝ 22 Յովհաննէսին մկրտութենէն սկսած՝ մինչեւ այն օրը որ մեզմէ համբարձաւ՝ ասոնցմէ մէկը մեզի հետ վկայ ըլլայ անոր յարութեանը»։ 23 Երկու հոգի կայնեցուցին Յովսէփը, որ Բարսաբա կը կոչուէր, որ Յուստոս ալ մականուանուեցաւ ու Մատաթիան։ 24 Աղօթելով՝ ըսին. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, որ ամենուն սիրտը կը ճանչնաս, այս երկուքէն ո՞ր մէկը ընտրեցիր, մեզի յայտնէ. 25 Որպէս զի այս պաշտօնին եւ առաքելութեանը վիճակը առնէ, որմէ Յուդա ինկաւ իր տեղը երթալու»։ 26 Անոնց համար վիճակ ձգեցին ու վիճակը Մատաթիային ելաւ։ Անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն հետ սեպուեցաւ։

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

2 1 Երբ Պէնտէկոստէի տօնը հասաւ, ամէնքն ալ միաբան մէկտեղ էին։ Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ՝ ու ամէն մէկուն վրայ նստան։ Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար։ Երուսաղէմի մէջ բնակող Հրեաներ կային՝ աստուածավախ մարդիկ՝ երկնքի տակ եղած բոլոր ազգերէն ժողվուած, Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը մէկտեղ եկաւ ու խռովեցաւ, վասն զի կը լսէին որ անոնք իրենց ամէն մէկուն լեզուովը կը խօսէին։ Ամէնքն ալ կը սքանչանային ու կը զարմանային եւ իրարու կ’ըսէին. «Չէ՞ որ ահա ասոնք ամէնքն ալ որ կը խօսին, Գալիլիացի են. Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք մենք մեր ամէն մէկ լեզուովը՝ որուն մէջ ծնած ենք, Պարթեւներ եւ Մարեր ու Եղամացիներ եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի մէջ եւ Հրէաստանի ու Կապադովկիայի մէջ, Պոնտոսի ու Ասիայի մէջ, 10 Փռիւգիայի եւ Պամփիւլիայի մէջ, Եգիպտոսի մէջ եւ Կիւրենէի մօտ Լիբէացիներու կողմերուն մէջ, նաեւ Հռովմայեցի պանդուխտներ, 11 Թէ՛ Հրեաներ եւ թէ՛ նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբացիներ, կը լսենք որ մեր լեզուներով կը պատմեն Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին»։ 12 Կը սքանչանային ամէնքն ալ ու տարակուսած իրարու կ’ըսէին. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս»։ 13 Ոմանք ալ ծաղր ընելով՝ կ’ըսէին. «Անոնք նոր գինիով լեցուեր են»։

ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

14 Բայց Պետրոս ելաւ տասնըմէկին հետ մէկտեղ ձայնը վերցուց ու խօսեցաւ անոնց. «Ո՛վ Հրեայ մարդիկ եւ դուք ամէնքդ որ Երուսաղէմ կը բնակիք, այս ձեզի յայտնի ըլլայ ու ականջ դրէք իմ խօսքերուս։ 15 Քանզի ասոնք ո՛չ թէ գինովցած են, ինչպէս դուք կը կարծէք, վասն զի դեռ օրուան երրորդ ժամն է. 16 Հապա ասիկա այն է որ Յովէլ մարգարէին միջոցով ըսուեցաւ. 17 ‘Եւ պիտի ըլլայ որ վերջին օրերը, կ’ըսէ Աստուած, իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան ու ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն 18 Եւ իմ ծառաներուս ու իմ աղախիններուս վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ եւ պիտի մարգարէանան։ 19 Վերը երկինքը հրաշքներ պիտի ցուցնեմ ու վարը երկիրը՝ նշաններ, արիւն ու կրակ եւ ծուխի մառախուղ. 20 Արեւը խաւարի պիտի դառնայ եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու երեւելի օրը չեկած։ 21 Եւ պիտի ըլլայ որ ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի’։ 22 Ո՛վ Իսրայելացի մարդիկ, լսեցէ՛ք այս խօսքերը, Յիսուս Նազովրեցին, Աստուծմէ ձեզի ցուցուած մարդ մը զօրութիւններով ու հրաշքներով եւ նշաններով, որոնք Աստուած անոր ձեռքով ըրաւ ձեր մէջ, ինչպէս դուք ալ գիտէք, 23 Անիկա Աստուծոյ որոշած խորհրդովը եւ կանխագիտութիւնովը մատնուած ըլլալով՝ առիք եւ անօրէններու ձեռքով փայտի վրայ գամելով սպաննեցիք. 24 Բայց Աստուած յարուցանեց զայն, մահուան ցաւերը քակելով, քանզի հնարաւոր չէր որ ինք անկէ բռնուի։ 25 Վասն զի Դաւիթ անոր համար կ’ըսէ. ‘Ամէն ատեն Տէրը կը տեսնեմ իմ առջեւս, քանզի իմ աջ կողմս է, որպէս զի չսասանիմ. 26 Անոր համար ուրախ եղաւ իմ սիրտս ու իմ լեզուս ցնծաց. նաեւ իմ մարմինս ալ յոյսով պիտի հանգստանայ, 27 Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու Սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։ 28 Կենաց ճամբաները ինծի ճանչցուցիր. քու երեսիդ ուրախութիւնովը զիս պիտի լեցնես’։ 29 Մարդի՛կ եղբայրներ, արժան է համարձակ ըսել ձեզի Դաւիթ նահապետին համար, որ մեռաւ ու թաղուեցաւ եւ անոր գերեզմանը մինչեւ այսօր մեր մէջն է։ 30 Արդ որովհետեւ անիկա մարգարէ էր եւ գիտէր թէ Աստուած հաստատ երդում ըրաւ իրեն, թէ իր երիկամունքներուն պտուղէն՝ մարմնի կողմանէ՝ Քրիստոսը պիտի յարուցանէ որ իր աթոռը նստի, 31 Ինք կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսին յարութեանը համար եւ թէ անոր անձը գերեզմանը չթողուեցաւ եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ։ 32 Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց, որուն մենք ամէնքս ալ վկայ ենք։ 33 Ուստի Աստուծոյ ձեռքով բարձրանալով ու Սուրբ Հոգիին խոստումը Հօրմէն առնելով՝ տարածեց ասիկա, որ դուք հիմա կը տեսնէք ու կը լսէք։ 34 Վասն զի Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինք կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ՛ իմ աջ կողմս, 35 Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ 36 Ուստի բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։

37 Երբ ասիկա լսեցին, իրենց սրտերուն մէջ զղջացին եւ ըսին Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն. «Մարդիկ եղբայրներ, ի՞նչ ընենք»։ 38 Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք։ 39 Վասն զի խոստումը ձեզի է ու ձեր որդիներուն եւ բոլոր հեռու եղողներուն՝ որոնք մեր Տէր Աստուածը պիտի կանչէ»։ 40 Ուրիշ շատ խօսքերով վկայութիւն կու տար ու կը յորդորէր զանոնք եւ կ’ըսէր. «Այս խոտորած ազգէն ինքզինքնիդ ազատեցէ՛ք»։ 41 Անոնք որոնք սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը, մկրտուեցան։ Այն օրը երեք հազար հոգիի չափ աւելցան։ 42 Միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան, միաբանութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու ետեւէն էին։

ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

43 Ամէն մարդու վրայ վախ ինկաւ եւ առաքեալներուն ձեռքով շատ հրաշքներ ու նշաններ գործուեցան։ 44 Բոլոր հաւատացեալները մէկտեղ էին եւ ամէն բաներնին հասարակաց էր։ 45 Ստացուածքնին եւ ունեցած բաներնին կը ծախէին ու անոնց գինը կը բաժնէին ամենուն, որու որ բան մը պէտք ըլլար։ 46 Ամէն օր միաբանութեամբ տաճարը երթալու ետեւէ էին եւ տուներնին հաց կը կտրէին ու կերակուրնին կ’ուտէին ուրախութեամբ եւ սրտի միամտութեամբ։ 47 Աստուած կ’օրհնէին ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ շնորհք կը գտնէին։ Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին։

ԿԱՂԸ ԲԺՇԿՈՒԵՑԱՒ

3 1 Օր մը Պետրոս ու Յովհաննէս իններորդ ժամու աղօթքին ատենը մէկտեղ տաճար գացին։ Հոն իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած մարդ մը կը բերէին եւ ամէն օր տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը դնէին, որպէս զի տաճարը մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ։ Ան՝ տեսնելով Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, որ տաճարը մտնելու վրայ էին, կ’աղաչէր որ ողորմութիւն տան։ Իսկ Պետրոս Յովհաննէսին հետ մէկտեղ անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի՛ նայէ»։ Ան ալ դէպի անոնց դարձաւ ու կը յուսար թէ անոնցմէ բան մը պիտի առնէ։ Պետրոս ըսաւ. «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կու տամ։ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը ելի՛ր ու քալէ՛»։ Անոր աջ ձեռքէն բռնեց ու վերցուց զանիկա ու իսկոյն անոր ոտքին թաթերը ու կոճերը զօրացան։ Եւ վեր ցատկելով կայնեցաւ ու քալեց եւ անոնց հետ տաճարը մտաւ, քալելով ու ցատկելով եւ Աստուած օրհնելով։ Բոլոր ժողովուրդը տեսաւ զանիկա որ կը քալէր ու Աստուած կ’օրհնէր։ 10 Գիտէին թէ ան ողորմութեան համար տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը նստէր։ Զարմանքով ու ապշութեամբ լեցուեցան այս եղած բանին համար։

ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

11 Քանի որ անիկա Պետրոսին ու Յովհաննէսին յարեր էր, բոլոր ժողովուրդը զարմացած մէկտեղ վազեցին անոնց քով այն սրահը, որ Սողոմոնին Սրահը կը կոչուէր։ 12 Պետրոս ասիկա տեսնելով՝ ըսաւ ժողովուրդին. «Ո՛վ Իսրայելացի մարդիկ, ինչո՞ւ զարմացեր էք ասոր վրայ, կամ ինչո՞ւ աչքերնիդ տնկած մեզի կը նայիք։ Միթէ մեր զօրութիւնովը կամ բարեպաշտութիւնո՞վը ատոր քալել տուինք։ 13 Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին Աստուածը, մեր հայրերուն Աստուածը, փառաւորեց իր Որդին Յիսուսը, որ դուք մատնեցիք եւ ուրացաք Պիղատոսին առջեւ՝ երբ ինք վճռեց որ արձակէ։ 14 Բայց դուք այն Սուրբը եւ Արդարը ուրացաք ու խնդրեցիք որ մարդասպան մարդ մը ձեզի շնորհուի. 15 Բայց կենաց Առաջնորդը սպաննեցիք, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, որուն մենք վկայ ենք։ 16 Անոր անուանը հաւատքով՝ անոր անունը զօրացուց ասիկա, որ դուք կը տեսնէք ու կը ճանչնաք։ Այդ հաւատքն է, որ առողջացուց զայն ձեր ամենուն առջեւ։ 17 Հիմա, ե՛ղբայրներ, գիտեմ թէ չգիտնալով ըրիք, ինչպէս ձեր իշխաններն ալ։ 18 Բայց Աստուած՝ ինչ որ նախապէս իր բոլոր մարգարէներուն բերնով յայտներ էր Քրիստոսին չարչարուելուն մասին՝ այնպէս կատարեց։ 19 Ուստի ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի. 3։20 Որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն 20 եւ նախապէս ձեզի քարոզուած Յիսուս Քրիստոսը ղրկէ. 21 Որ պէտք է երկինք ընդունի մինչեւ այն ատենները՝ երբ բոլոր բաները կարգադրուին, որոնց համար Աստուած սկիզբէն ի վեր իր սուրբ մարգարէներուն բերնով խօսած է։ 22 Մովսէս մեր հայրերուն ըսաւ թէ՝ ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի. Անոր մտի՛կ ըրէք՝ ամէն ինչ որ ձեզի խօսի։ 23 Եւ ո՛վ որ այն մարգարէին մտիկ չընէ, ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի’։ 24 Ու բոլոր մարգարէները, Սամուէլէն սկսած, խօսեցան եւ այս օրերուն համար ալ իմացուցին։ 25 Դուք էք մարգարէներուն որդիները եւ այն ուխտին, որ Աստուած մեր հայրերուն հետ ըրաւ ու ըսաւ Աբրահամին. ‘Քու սերունդովդ պիտի օրհնուին երկրի բոլոր ազգերը’։ 26 Աստուած իր Որդին յարուցանելով՝ առաջ ձեզի ղրկեց զանիկա, որպէս զի ձեզ օրհնէ, ամէն մէկդ ձեր չարութիւններէն դարձնելով»։

ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

4 1 Երբ անոնք ժողովուրդին կը խօսէին, քահանաները ու տաճարին իշխանը եւ Սադուկեցիները անոնց վրայ հասան, Նեղուելով որ անոնք ժողովուրդին կը սորվեցնէին, Յիսուսին միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը կը քարոզէին. Ձերբակալեցին եւ բանտ դրին զանոնք մինչեւ հետեւեալ օրը, վասն զի ալ իրիկուն էր։ Բայց այն խօսքը լսողներէն շատեր հաւատացին։ Անոնց թիւը հինգ հազարի հասաւ։

Հետեւեալ օրը մէկտեղ հաւաքուեցան անոնց իշխանները եւ ծերերն ու դպիրները Երուսաղէմի մէջ, Նաեւ Աննա Քահանայապետն ու Կայիափան եւ Յովհաննէսն ու Աղեքսանդրոսը եւ այն ամէնքը, որ քահանայապետի ցեղէ էին։ Զանոնք մէջտեղը կայնեցուցած՝ կը հարցնէին. «Ի՞նչ զօրութիւնով կամ ի՞նչ անունով ըրիք դուք այս բանը»։ Այն ատեն Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ըսաւ անոնց. «Ո՜վ ժողովուրդի իշխաններ եւ ծերեր, Եթէ մենք այսօր տկար մարդու մը եղած բարիքին համար կը քննուինք, թէ ի՞նչ միջոցով անիկա բժշկուեցաւ, 10 Յայտնի ըլլայ ձեզի ամենուդ ու բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա անով ասիկա ձեր առջեւ բժշկուած կեցեր է։ 11 Անիկա է այն քարը, որ ձեզմէ՝ շինողներէդ՝ անարգուած, անկիւնի գլուխ եղաւ։ 12 Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։ 13 Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով եւ հասկնալով որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան եւ իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին. 14 Այն բժշկուած մարդը տեսնելով, որ անոնց հետ կայներ էր, չէին կրնար անոնց դէմ բան մը խօսիլ։ 15 Հրամայելով անոնց, որ ատեանէն դուրս ելլեն, իրարու հետ խորհուրդ ըրին 16 Եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. վասն զի Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն յայտնի է թէ ասոնց ձեռքով երեւելի հրաշք մը եղաւ ու մենք չենք կրնար ուրանալ։ 17 Միայն թէ ժողովուրդին մէջ ա՛լ աւելի չտարածուելու համար՝ սաստիկ սպառնալիք ընենք անոնց, որ այն անունով անգամ մըն ալ չըլլայ որ մարդու բան խօսին»։ 18 Զանոնք կանչելով՝ պատուիրեցին անոնց որ ամենեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսին անունով։ 19 Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։ 20 Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։ 21 Իսկ անոնք նորէն սպառնալիք ընելէ յետոյ՝ արձակեցին զանոնք, քանի որ պատճառ մը չգտան, որ պատժեն զանոնք եւ ժողովուրդին պատճառով, քանզի ամէնքն ալ Աստուած կը փառաւորէին եղած բանին համար։ 22 Վասն զի այն մարդը քառասուն տարեկանէն աւելի էր, որուն վրայ այս բժշկութեան հրաշքը կատարուեցաւ։

ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐԸ ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Կ’ԱՂՕԹԵՆ

23 Եւ անկէ արձակուելով՝ իրենց խումբին քով գացին ու պատմեցին ինչ որ քահանայապետները եւ ծերերը իրենց ըսած էին։ 24 Անոնք ալ երբ լսեցին, միաբանութեամբ ձայներնին Աստուծոյ վերցուցին՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, դուն ես Աստուածը, որ երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեցիր, 25 Որ քու ծառայիդ Դաւիթին բերնով խօսեցար. ‘Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն ըրին ու ժողովուրդները պարապ բաներ մտածեցին. 26 Երկրի թագաւորները պատրաստ կայնեցան եւ իշխանները մէկտեղ ժողվուեցան Տէրոջը դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ’։ 27 Քանզի արդարեւ [այս քաղաքին մէջ] հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին վրայ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, ազգերուն հետ ու Իսրայէլի ժողովուրդներուն հետ, 28 Ըրին ինչ որ քու ձեռքդ եւ խորհուրդդ սահմանեց առաջուընէ, որ ըլլայ։ 29 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք, 30 Քու ձեռքդ երկնցնելով բժշկելու եւ քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին անունովը նշաններ ու հրաշքներ կատարուին»։ 31 Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին։

ԱՄԷՆ ԲԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԷՐ

32 Եւ հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էին։ Անոնցմէ մէ՛կը չէր ըսեր իր ստացուածքներէն մէկուն համար, թէ՝ ‘իրն է’, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին։ 33 Առաքեալները մեծ զօրութիւնով վկայ էին Տէր Յիսուսին յարութեանը։ Անոնց ամենուն վրայ մեծ շնորհք կար։ 34 Անոնց մէջ կարօտութիւն քաշող մը չկար, վասն զի անոնք որ ագարակներու կամ տուներու տէր էին, կը ծախէին եւ ծախուածներուն գիները կը բերէին 35 Ու առաքեալներուն ոտքը կը դնէին եւ ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր։ 36 Եւ Յովսէս, որ առաքեալներէն Բառնաբաս մականուանուեցաւ, (որ կը թարգմանուի Մխիթարութեան որդի,) Ղեւտացի, ծնունդով Կիպրացի, 37 Ագարակ մը ունենալով, ծախեց ու ստակը բերաւ՝ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։

ԱՆԱՆԻԱ ԵՒ ՍԱՓԻՐԱ

5 1 Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով՝ իր կնոջ Սափիրային հետ ստացուածք մը ծախեց, Անոր գինէն խորեց, մինչ կինն ալ գիտէր որ միայն մէկ մասը բերաւ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։ Եւ Պետրոս ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս ու ագարակին գինէն խորես։ Չէ՞ որ քուկդ էր այն՝ քանի որ կեցեր էր ու ծախուած ալ՝ քու իշխանութեանդ տակ էր. ինչո՞ւ քու սրտիդ մէջ այս բանը դրիր։ Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ»։ Եւ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ մեծ վախ ինկաւ ամենուն վրայ, որոնք ասիկա լսեցին։ Ու երիտասարդները ելան ու պատանքով փաթթեցին զանիկա եւ դուրս հանելով թաղեցին։ Երեք ժամու չափ անցաւ, երբ կինը չգիտնալով ինչ որ եղեր էր՝ ներս մտաւ։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, ագարակը ա՞յնչափ գնով ծախեցիք»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, այնչափ»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Այդ ի՞նչ է որ դուք միաբանեցաք Տէրոջը Հոգին փորձելու. ահա քու այրդ թաղողներուն ոտքերը դրանը քով են, քեզ ալ դուրս պիտի հանեն»։ 10 Եւ իսկոյն կինը անոր ոտքերուն քով ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ երիտասարդները ներս մտնելով՝ զանիկա մեռած գտան ու հանեցին իր էրկանը քով թաղեցին։ 11 Եւ մեծ վախ մը ինկաւ բոլոր եկեղեցիին վրայ ու ամենուն վրայ, որոնք այս բաները լսեցին։

ՀՐԱՇՔՆԵՐ ԵՒ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԳՈՐԾԵՐ

12 Առաքեալներուն ձեռքով շատ նշաններ ու հրաշքներ կ’ըլլային ժողովուրդին մէջ եւ ամէնքը միաբանութեամբ Սողոմոնին Սրահին մէջ էին։ 13 Ոեւէ մէկը չէր համարձակեր անոնց յարիլ, թէեւ ժողովուրդը կը մեծարէր զանոնք։ 14 Տէրոջը հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այրեր եւ կիներ բազմութեամբ, 15 Այնպէս որ հիւանդները հրապարակները կը հանէին եւ պատգարակներով ու մահիճներով կը դնէին, որպէս զի Պետրոսին անցնելու ատենը՝ գոնէ անոր շուքը անոնց մէկուն վրայ իյնայ։ 16 Շրջակայ քաղաքներուն բազմութիւնը Երուսաղէմ կը ժողվուէր, հիւանդներ եւ պիղծ ոգիներէ նեղութիւն կրողներ բերելով, որոնք ամէնքն ալ կը բժշկուէին։

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՀԱԼԱԾՈՒԵՑԱՆ

17 Ոտքի ելաւ քահանայապետը եւ բոլոր իրեն հետ եղողները, որոնք Սադուկեցիներու աղանդէն էին, նախանձով լեցուած, 18 Ու առաքեալները ձերբակալեցին եւ հասարակաց բանտը դրին զանոնք։ 19 Բայց Տէրոջը հրեշտակը գիշերով բանտին դռները բացաւ ու դուրս հանելով զանոնք՝ ըսաւ. 20 «Գացէ՛ք եւ տաճարին մէջ կայնելով ժողովուրդին յայտնեցէք այս կենաց պատգամը»։ 21 Ու երբ զայս լսեցին, տաճարը մտան առտուն եւ կը սորվեցնէին. իսկ քահանայապետը եկաւ ու իրեն հետ եղողները ու մէկտեղ կանչեցին ժողովը ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ծերակոյտը ժողով գումարեցին եւ մարդ ղրկեցին բանտը, որպէս զի զանոնք բերեն։ 22 Երբ սպասաւորները գացին, զանոնք բանտին մէջ չգտնելով՝ ետ դարձան, պատմեցին 23 Եւ ըսին թէ «Բանտը ամէն զգուշութիւնով գոցուած գտանք ու պահապանները դռներուն առջեւ կայնած, բայց բանալով՝ ներսը մարդ չգտանք»։ 24 Երբ մեծ քահանան եւ տաճարին իշխանը ու քահանայապետները լսեցին այս խօսքերը, կը զարմանային պատահածին վրայ։ 25 Նոյն ատեն մէկը եկաւ ու ըսաւ անոնց. «Ահա այն մարդիկը որոնք բանտը դրած էիք, տաճարը կայներ են եւ ժողովուրդին կը սորվեցնեն»։ 26 Այն ատեն իշխանը սպասաւորներովը մէկտեղ գնաց զանոնք բերաւ առանց բռնութեան, քանզի ժողովուրդէն կը վախնային, որ չքարկոծուին, 27 Ու զանոնք ատեանը կայնեցուցին։ Քահանայապետը անոնց հարցուց՝ 28 Ըսելով. «Չէ՞ որ սաստիկ պատուիրեցինք ձեզի, որ այս անունով չսորվեցնէք. բայց դուք Երուսաղէմը ձեր ուսմունքովը լեցուցիք եւ այն մարդուն արիւնը կ’ուզէք մեր վրայ բերել»։

29 Պատասխան տուին Պետրոսն ու միւս առաքեալները ու ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց։ 30 Մեր հայրերուն Աստուածը Յիսուսը յարուցանեց, Ան որ դուք փայտէն կախելով սպաննեցիք։ 31 Աստուած իր աջ ձեռքով զանիկա Առաջնորդ ու Փրկիչ ըլլալու բարձրացուց, Իսրայէլի ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն տալու։ 32 Մենք այս բաներուն համար անոր վկաներն ենք ու Սուրբ Հոգին ալ՝ որ Աստուած իրեն հնազանդ եղողներուն տուաւ»։ 33 Եւ անոնք ասիկա լսելով խիստ կատղեցան ու կը խորհէին զանոնք մեռցնել։

34 Ատեանին մէջ փարիսեցի մը ոտքի վրայ ելաւ, որուն անունը Գամաղիէլ էր, օրինաց վարդապետ մը, բոլոր ժողովուրդին առջեւ պատուաւոր մէկը ու հրաման ըրաւ, որ առաքեալները քիչ մը դուրս հանեն. 35 Ապա ըսաւ. «Ո՜վ Իսրայելացի մարդիկ, զգուշացէ՛ք այս մարդոց հանդէպ ձեր ընելիքէն, 36 Քանզի ասկէ առաջ Թեւդաս ելաւ, իրեն համար ըսելով թէ երեւելի մէկն է ու թիւով չորս հարիւրի չափ մարդիկ իրեն յարեցան. ինք սպաննուեցաւ եւ այն ամէնքը որ իրեն հնազանդեր էին, ցրուեցան ու ոչինչ եղան։ 37 Անոր ետեւէն Յուդա Գալիլիացին ելաւ աշխարհագիր եղած օրերը եւ շատ ժողովուրդ իր կողմը քաշեց, բայց ինքն ալ կորսուեցաւ եւ այն ամէնքը, որոնք իրեն հնազանդեր էին՝ ցիրուցան եղան։ 38 Հիմա ձեզի կ’ըսեմ, Այդ մարդոցմէ մէկդի՛ կեցէք ու թո՛ղ տուէք զանոնք, վասն զի եթէ այդ խորհուրդը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քակուի, 39 Իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար ատիկա քակել. չըլլայ թէ Աստուծոյ դէմ մարտնչիք»։ 40 Անոնք հաւանութիւն տուին անոր ու առաքեալները կանչելով ծեծեցին եւ պատուիրելով որ անգամ մըն ալ Յիսուսին անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք։ 41 Անոնք ալ ատեանէն գացին, ուրախանալով որ Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու։ 42 Եւ ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ։

ԵՕԹԸ ՕԳՆԱԿԱՆՆԵՐ

6 1 Այն օրերը երբ աշակերտները շատցան, Հելլենացիներու կողմէ տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ, վասն զի իրենց որբեւայրիները ամէն օրուան ողորմութեան մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային։ Տասներկուքը կանչեցին աշակերտներուն բազմութիւնը ու ըսին. «Մեզի չի վայլեր Աստուծոյ խօսքը ձգել ու սեղաններու ծառայութիւն ընել։ Ուստի, եղբա՛յրներ, ձեզմէ եօթը հոգի ընտրեցէք՝ բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն, որպէս զի զանոնք այս գործին վրայ դնենք Եւ մենք աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապինք»։ Այս խօսքը բոլոր բազմութեան առջեւ հաճոյ երեւցաւ. ուստի ընտրեցին Ստեփանոսը, հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին։ Ասոնք առաքեալներուն առջեւ կայնեցուցին։ Անոնք ալ աղօթք ընելով՝ ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։ Եւ Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին։

ՍՏԵՓԱՆՈՍԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութիւնով լեցուած մարդ մըն էր, մեծ հրաշքներ եւ նշաններ կ’ընէր ժողովուրդին մէջ։ Բայց ոմանք՝ այն ժողովարանէն, որ Ազատացիներուն եւ Կիւրենացիներուն ու Աղեքսանդրացիներուն ժողովարան կ’ըսուէր եւ ոմանք որ Կիլիկիայէն ու Ասիայէն էին, ելան ու Ստեփանոսին հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին։ 10 Բայց չէին կրնար դէմ դնել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր։ 11 Այն ատեն հրապուրեցին քանի մը մարդիկ, որպէս զի ըսեն թէ՝ ‘Մենք լսեցինք որ ատիկա հայհոյութիւն կ’ընէր Մովսէսին ու Աստուծոյ’։ 12 Եւ գրգռեցին ժողովուրդը ու ծերերը եւ դպիրները ու անոր վրայ հասնելով զինք բռնեցին ու ատեանը տարին։ 13 Սուտ վկաներ կայնեցուցին, որոնք կ’ըսէին. «Այս մարդը չի դադարիր հայհոյելէ սուրբ տեղին եւ օրէնքին։ 14 Քանզի լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր թէ՝ ‘Այս Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քակէ այս տեղը ու պիտի փոխէ Մովսէսին մեզի աւանդած սովորութիւնները’»։ 15 Ատեանը նստողներուն ամէնքը երբ անոր նայեցան, անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան։

ՍՏԵՓԱՆՈՍԻՆ ԽՕՍՔԸ

7 1 Այն ատեն քահանայապետը ըսաւ. «Իրաւցնէ այդ բաները այդպէ՞ս են»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ ու հայրե՛ր, մտի՛կ ըրէք. Փառաց Աստուածը մեր Հօրը Աբրահամին երեւցաւ, քանի որ Միջագետքի մէջ էր, դեռ Խառանի մէջ չբնակած եւ ըսաւ անոր. ‘Ելի՛ր քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ’։ Այն ատեն Քաղդէացիներու երկրէն ելլելով՝ Խառանի մէջ բնակեցաւ եւ անոր հօրը մեռնելէն յետոյ անկէ փոխադրեց զանիկա այս երկիրը, ուր դուք հիմա կը բնակիք։ Ասոր մէջ անոր ժառանգութիւն չտուաւ, ոչ ալ ոտքի քայլ մը տեղ, բայց խոստացաւ որ ասիկա իրեն տայ իբրեւ կալուածք եւ իրմէ յետոյ իր սերունդին, երբ դեռ ինք որդի չունէր։ Աստուած այսպէս խօսեցաւ. ‘Քու սերունդդ օտար երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլայ ու պիտի ծառայեցնեն զանիկա եւ չարչարեն չորս հարիւր տարի։ Այն ազգը, որուն պիտի ծառայեն, ես պիտի դատեմ’, ըսաւ Աստուած ‘եւ անկէ յետոյ պիտի ելլեն ու այստեղ զիս պիտի պաշտեն’։ Անոր թլփատութեան ուխտը տուաւ ու ետքը Աբրահամ Իսահակը ծնաւ։ Թլփատեց զանիկա ութերորդ օրը։ Իսահակ ալ Յակոբը ծնաւ, Յակոբն ալ՝ տասներկու նահապետները։ Եւ նահապետները Յովսէփին նախանձելով՝ Եգիպտոս տարուելու ծախեցին. բայց Աստուած անոր հետ էր 10 Ու փրկեց զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն, անոր շնորհք ու իմաստութիւն տուաւ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ։ Ան ալ զանիկա իշխան դրաւ Եգիպտոսին ու իր բոլոր տանը վրայ։ 11 Երբ Եգիպտոսի եւ Քանանի բոլոր երկրին վրայ սով մը տիրեց ու մեծ նեղութիւն, մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ։ 12 Յակոբ՝ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ցորեն կը գտնուի՝ առաջին անգամ մեր հայրերը ղրկեց։ 13 Երկրորդ անգամ Յովսէփ իր եղբայրներուն ճանչցուց ինքզինք ու Յովսէփին ազգը Փարաւոնին յայտնի եղաւ։ 14 Յովսէփ ղրկեց ու կանչեց իր հայրը Յակոբը ու բոլոր ազգատոհմը, եօթանասունըհինգ հոգի։ 15 Յակոբ Եգիպտոս գնաց, ուր մեռան ինք ու մեր հայրերը։ 16 Սիւքէմ տարուելով՝ այն գերեզմանին մէջ դրուեցան, որ Աբրահամ արծաթով ծախու առեր էր Սիւքէմի հօրը Եմովրի որդիներէն։ 17 Երբ մօտեցաւ խոստումին ատենը, որ Աստուած երդումով խոստացեր էր Աբրահամին, ժողովուրդը աճեցաւ ու շատցաւ Եգիպտոսի մէջ 18 Մինչեւ որ ուրիշ թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։ 19 Անիկա միջոցներ բանեցուց մեր ազգին դէմ ու չարչարեց մեր հայրերը, մինչեւ անգամ անոնց տղաքը դուրս ձգել տալով, որպէս զի չապրին։ 20 Այն ժամանակ Մովսէսը ծնաւ, որ Աստուծոյ առջեւ գեղեցիկ էր եւ իր հօրը տունը մեծցաւ երեք ամիս։ 21 Երբ անիկա դուրս ձգուեցաւ, Փարաւոնին աղջիկը զանիկա վերցուց եւ իբրեւ իր որդին մեծցուց։ 22 Մովսէս Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ եւ զօրաւոր էր իր խօսքերովը ու գործերովը։ 23 Ու երբ քառասուն տարեկան եղաւ, իր սիրտը ուզեց իր եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն այցելել։ 24 Իսրայելացիներէն մէկը հարստահարուած տեսնելով՝ պաշտպանեց եւ զրկուածին վրէժը առաւ՝ Եգիպտացին սպաննելով։ 25 Կը կարծէր թէ իր եղբայրները պիտի իմանային թէ Աստուած իր ձեռքով իրենց ազատութիւն պիտի տար. բայց անոնք չիմացան։ 26 Հետեւեալ օրը երկու Իսրայելացիներու դէմ ելաւ, որոնք կը կռուէին։ Խաղաղութիւն հաստատել ուզելով՝ ըսաւ. ‘Մարդի՛կ, դուք եղբայրներ էք, ինչո՞ւ մէկզմէկ կը զրկէք’։ 27 Բայց ան որ ընկերը կը զրկէր, մէկդի քշեց զանիկա ու ըսաւ. ‘Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ. 28 Զի՞ս ալ սպաննել կ’ուզես, ինչպէս երէկ Եգիպտացին սպաննեցիր’։ 29 Մովսէս այս խօսքին վրայ փախաւ ու Մադիամի երկրին մէջ պանդուխտ եղաւ, ուր երկու որդի ծնաւ։ 30 Քառասուն տարի անցնելէն յետոյ Սինա լերանը անապատին մէջ Տէրոջը հրեշտակը երեւցաւ անոր մորենիի կրակի բոցով։ 31 Մովսէսն ալ երբ տեսաւ, զարմացաւ այն տեսիլքին վրայ ու երբ մօտեցաւ զննելու, Տէրոջը ձայնը եկաւ անոր, որ կ’ըսէր. 32 ‘Ես եմ քու հայրերուդ Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը’։ Մովսէսն ալ վախէն դողալով՝ չէր համարձակեր նայիլ։ 33 Եւ Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ոտքերուդ կօշիկները հանէ՛, վասն զի այդ տեղը, ուր դուն կայներ ես՝ սուրբ երկիր է։ 34 Յիրաւի Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ ու լսեցի անոնց հառաչանքը եւ իջայ զանոնք ազատելու. եւ հիմա եկո՛ւր քեզ Եգիպտոս ղրկեմ’։ 35 Այն Մովսէսը որ մերժեցին ու կ’ըսէին. ‘Ո՞վ քեզ իշխան ու դատաւոր դրաւ’, Աստուած զանիկա իշխան եւ փրկիչ ղրկեց այն հրեշտակին ձեռքով, որ մորենիին մէջ անոր երեւցաւ։ 36 Անիկա հանեց զանոնք, հրաշքներ ու նշաններ ընելով Եգիպտոսի երկրին ու Կարմիր ծովուն մէջ եւ անապատին մէջ քառասուն տարի։ 37 Այս Մովսէսն է, որ ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի, անոր մտիկ ըրէք’։ 38 Ասիկա ան է որ անապատը ժողովին մէջ էր՝ Սինա լերան վրայ իրեն խօսող հրեշտակին ու մեր հայրերուն հետ, որ կենդանի պատգամներ առաւ մեզի տալու. 39 Որուն մեր հայրերը չուզեցին հնազանդիլ, հապա մերժեցին եւ իրենց սրտերովը Եգիպտոս դարձան 40 Եւ ըսին Ահարոնին. ‘Մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի այն Մովսէսը, որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։ 41 Այն օրերը հորթ մը շինեցին ու անոր զոհ մատուցանեցին եւ իրենց ձեռքերուն գործերովը կը զուարճանային։ 42 Աստուած ալ երես դարձուց ու թողուց զանոնք որ երկնքի աստղերը պաշտեն. ինչպէս գրուած է մարգարէներուն գրքին մէջ. ‘Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի զոհեր ու պատարա՞գ մատուցանեցիք ինծի, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ 43 Մողոքին վրանը առիք ու ձեր Հռեմփա աստուծոյն աստղը, այն պատկերները որոնք շինեցիք անոնց երկրպագութիւն ընելու։ Ես ալ ձեզ Բաբելոնէն անդին պիտի փոխադրեմ’։ 44 Վկայութեան խորանը անապատին մէջ մեր հայրերուն հետ էր, ինչպէս Մովսէսին հետ խօսողը հրաման ըրաւ, որ տեսած օրինակին պէս շինէ զանիկա. 45 Որ մեր հայրերն ալ յաջորդաբար առնելով՝ Յեսուին հետ բերին զանիկա այն ազգերուն կալուածը, որոնք Աստուած վռնտեց մեր հայրերուն առջեւէն՝ մինչեւ Դաւիթին օրերը, 46 Որ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ եւ ուզեց որ Յակոբին Աստուծոյն բնակարան մը շինէ։ 47 Բայց Սողոմոն շինեց տունը։ 48 Սակայն Բարձրեալը ձեռքով շինուած տաճարներու մէջ չի բնակիր, ինչպէս մարգարէն կ’ըսէ. 49 ‘Երկինք իմ աթոռս է ու երկիրը իմ ոտքերուս պատուանդանն է. որպիսի՞ տուն պիտի շինէք ինծի’, կ’ըսէ Տէրը, ‘կամ ո՞ւր պիտի ըլլայ իմ հանգստութեանս տեղը. 50 Չէ՞ որ այս ամէնքը իմ ձեռքս շիներ է’։ 51 Ո՛վ խստապարանոցներ ու սրտով եւ ականջով չթլփատուածներ, դուք ամէն ատեն Սուրբ Հոգիին հակառակ կը կենաք, ինչպէս ձեր հայրերը՝ այնպէս ալ դուք։ 52 Մարգարէներէն ո՞րը չհալածեցին ձեր հայրերը ու չսպաննեցին զանոնք, որ նախապէս պատմեցին այն Արդարին գալուն համար, որը դուք հիմա մատնեցիք եւ սպաննեցիք. 53 Դուք որ օրէնքը առիք հրեշտակներուն մատակարարութիւնովը ու չպահեցիք»։

ՍՏԵՓԱՆՈՍԻՆ ՔԱՐԿՈԾՈՒԻԼԸ

54 Անոնք այս բաները լսելով՝ սրտերնուն մէջ կը կատղէին եւ ակռանին անոր վրայ կը կրճտէին։ 55 Բայց անիկա Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը կայներ էր 56 7։55 եւ ըսաւ. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած ու Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած»։ 57 7։56 Իսկ անոնք մեծաձայն աղաղակելով՝ ականջնին գոցեցին եւ ամէնքը մէկէն վազեցին անոր վրայ. 58 7։57 Ու քաղաքէն դուրս հանելով՝ քարկոծեցին զանիկա եւ վկաները իրենց հանդերձները պահ դրին երիտասարդի մը ոտքերուն քով, որ Սօղոս կ’ըսուէր։ 59 7։58 Եւ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ աղօթք կ’ընէր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս»։ 60 7։59 Ու ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի՛ սեպեր ատոնց». այս ըսելով ննջեց։ 8։1 Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն։

ՍՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՀԱԼԱԾԷ

8 1 Այն օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ։ Առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ։ Աստուածավախ մարդիկ Ստեփանոսը վերցուցին ու անոր վրայ մեծ ողբ ըրին։ Բայց Սօղոս եկեղեցիին շատ վնաս կու տար, տուները կը մտնէր, այրեր ու կիներ կը քաշէր՝ բանտ դնել կու տար։

ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ՄԷՋ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԿԸ ՔԱՐՈԶՈՒԻ

Սակայն ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին։ Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց։ Եւ ժողովուրդը միաբան Փիլիպպոսի ըսածներուն ուշադրութիւն կու տային՝ լսելով ու տեսնելով այն նշանները, որոնք կ’ընէր։ Վասն զի շատ դիւահարներէ պիղծ ոգիները մեծաձայն աղաղակելով՝ կ’ելլէին։ Եւ շատ անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին։ Մեծ ուրախութիւն եղաւ այն քաղաքին մէջ։ Բայց Սիմոն անունով մարդ մը կար, որ նախապէս այն քաղաքին մէջ մոգութիւն կ’ընէր ու Սամարացիները կ’ապշեցնէր, իրեն համար ըսելով թէ՝ մեծ մէկն է։ 10 Ամէնքն ալ, պզտիկէն մինչեւ մեծ անոր ուշադրութիւն կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ասիկա Աստուծոյ մեծ [ըսուած] զօրութիւնն է»։ 11 Շատ ժամանակէ ի վեր կախարդութիւններով զանոնք ապշեցնելուն համար՝ իրեն ուշադրութիւն կ’ընէին։ 12 Բայց երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ։ 13 Սիմոն ինքն ալ հաւատաց ու մկրտուելով միշտ Փիլիպպոսի հետ էր եւ տեսնելով այն նշանները ու մեծ զօրութիւնները, որոնք կ’ըլլային՝ կը զարմանար։ 14 Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները երբ լսեցին թէ Սամարացիները Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են, Պետրոսն ու Յովհաննէսը անոնց ղրկեցին. 15 Որոնք հոն հասնելով՝ աղօթք ըրին անոնց համար, որպէս զի Սուրբ Հոգին առնեն։ 16 Վասն զի դեռ ո՛եւէ մէկուն վրայ իջած չէր, հապա միայն Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուած էին։ 17 Այն ատեն ձեռքերնին դրին անոնց վրայ, որ Սուրբ Հոգին առնեն։ 18 Երբ տեսաւ Սիմոն թէ առաքեալներուն անոնց վրայ ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց ստակ տուաւ ու ըսաւ. 19 «Ինծի՛ ալ այս իշխանութիւնը տուէք, որպէս զի որո՛ւ վրայ ձեռք դնեմ՝ անիկա Սուրբ Հոգին առնէ»։ 20 Պետրոս ըսաւ անոր. «Քու արծաթդ քեզի հետ թող կորսուի, վասն զի Աստուծոյ պարգեւը կարծեցիր թէ ստակո՞վ կ’առնուի։ 21 Դուն այդ բանին մէջ մաս ու բաժին չունիս, վասն զի քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ շիտակ չէ։ 22 Ուստի այդ չարութենէդ զեղջի եկուր ու Աստուծոյ աղաչէ՛, թերեւս ներուի քեզի քու սրտիդ չար խորհուրդը։ 23 Վասն զի ես քեզ մաղձի դառնութեան մէջ եւ անիրաւութեան կապին մէջ կը տեսնեմ»։ 24 Սիմոն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դո՛ւք ինծի համար աղօթք ըրէք Տէրոջը, որպէս զի այդ ձեր ըսածներէն բան մը իմ վրաս չգայ»։ 25 Անոնք ալ վկայութիւն տալով Տէրոջը խօսքը խօսելէն յետոյ դարձան Երուսաղէմ եւ Սամարացիներու շատ մը գիւղերուն մէջ աւետարանը քարոզեցին։

ՓԻԼԻՊՊՈՍ ԵՒ ԵԹՈՎՊԻԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆ

26 Տէրոջը հրեշտակը Փիլիպպոսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան, որ Երուսաղէմէն դէպի Գազա կ’իջնէ, որ անապատ տեղ մըն է»։ 27 Ան ալ ելաւ գնաց։ Ահա Եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պաշտօնեան, որ անոր բոլոր գանձերուն վրայ էր, որ Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու. 28 Անկէ ետ կը դառնար ու իր կառքը նստած Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։ 29 Եւ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսին. «Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քով գնա՛»։ 30 Փիլիպպոս ալ վազելով մօտը գնաց ու լսեց որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։ 31 Ըսաւ. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ». ու աղաչեց Փիլիպպոսին, որ ելլէ իր քով նստի։ 32 Գրքին մէջ կարդացած տեղը այս էր. «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ ու իր խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառնուկի պէս՝ իր բերանը չբացաւ. 33 Իր խոնարհութեան մէջ իր դատաստանը վերցուեցաւ եւ անոր ազգատոհմի մասին ո՞վ պիտի պատմէ. վասն զի անոր կեանքը երկրէն պիտի վերցուի»։ 34 Ներքինին պատասխան տուաւ Փիլիպպոսին ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ քեզի, մարգարէն որո՞ւն համար կ’ըսէ ասիկա. իրե՞ն համար թէ ուրիշի մը համար»։ 35 Փիլիպպոս իր բերանը բացաւ եւ գրքին այս խօսքէն սկսելով՝ Յիսուսը քարոզեց անոր։ 36 Երբ իրենց ճամբան կ’երթային, ջուրի մը քով եկան։ Ներքինին ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ա՛լ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ 37 [Եւ Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Եթէ քու բոլոր սրտովդ կը հաւատաս՝ կարելի է»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ է»։] 38 Ու հրաման ըրաւ որ կառքը կայնեցնեն։ Երկուքն ալ իջան։ Փիլիպպոս ներքինին մկրտեց։ 39 Երբ ջուրէն դուրս ելան, Տէրոջը Հոգին յափշտակեց Փիլիպպոսը եւ ա՛լ ներքինին զանիկա չտեսաւ ու իր ճամբան գնաց ուրախութեամբ։ 40 Բայց Փիլիպպոս Ազովտոսի մէջ գտնուեցաւ, ուր պտըտելով բոլոր քաղաքներուն աւետարան կը քարոզէր, մինչեւ ինք Կեսարիա հասաւ։

ՍՕՂՈՍԻՆ ԴԱՐՁԸ

(Գործ. 27։6-16, 26։12-18)

9 1 Սօղոս տակաւին Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչելով՝ քահանայապետին քով գնաց Եւ անկէ թուղթեր ուզեց Դամասկոս ժողովարանները տանելու, որպէս զի եթէ այն ճամբուն հետեւողներ գտնելու ըլլայ, այրեր կամ կիներ, կապած Երուսաղէմ բերէ։ Երբ կ’երթար ու Դամասկոսի մօտեցաւ, յանկարծ իր բոլորտիքը երկնքէն լոյս մը փայլատակեց. Եւ ինք գետինը իյնալով՝ ձայն մը լսեց, որ կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ո՞վ ես դուն, Տէր»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես. դժուար բան է քեզի խթանի դէմ կից զարնել»։ Ան ալ դողալով ու ապշութեամբ ըսաւ. «Տէ՛ր, ի՞նչ կ’ուզես որ ընեմ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Ելի՛ր ու քաղաքը մտի՛ր եւ քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պարտիս ընել»։ Այն մարդիկը, որոնք իրեն հետ կ’երթային, ապշած կեցեր էին, ձայնը միայն կը լսէին, բայց մէ՛կը չէին տեսներ։ Սօղոս գետնէն ելաւ ու բաց աչքերով՝ մէ՛կը չէր տեսներ. ուստի անոր ձեռքէն բռնեցին ու Դամասկոս մտցուցին։ Երեք օր կեցաւ առանց տեսնելու։ Ո՛չ կերաւ, ո՛չ ալ խմեց։

10 Անանիա անունով աշակերտ մը կար Դամասկոսի մէջ։ Տէրը տեսիլքի մէջ անոր ըսաւ. «Անա՛նիա»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա հոս եմ»։ 11 Տէրը ըսաւ անոր. «Ելի՛ր ու գնա՛ այն փողոցը, որ Ուղիղ կը կոչուի եւ հոն Յուդայի տանը մէջ փնտռէ Սօղոս անունով Տարսոնացի մը. վասն զի ահա անիկա աղօթք կ’ընէ. 12 Ու տեսիլքի մէջ մարդ մը տեսաւ Անանիա անունով՝ քովը մտած եւ ձեռքը իր վրայ դրած, որպէս զի տեսնէ»։ 13 Անանիան պատասխան տուաւ. «Տէ՛ր, շատերէ լսեցի այն մարդուն համար թէ շատ չարիքներ ըրաւ քու սուրբերուդ Երուսաղէմի մէջ 14 Եւ հոս ալ քահանայապետներէն իշխանութիւն ունի կապելու անոնք, որոնք քու անունդ կը կանչեն»։ 15 Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛ դուն, վասն զի անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ, 16 Քանզի ես անոր պիտի ցուցնեմ թէ պէտք է իմ անուանս համար նեղութիւն կրէ»։ 17 Անանիա գնաց ու այն տունը մտաւ եւ ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, Տէ՛րը զիս ղրկեց, այն Յիսո՛ւսը, որ ճամբուն մէջ քեզի երեւցաւ, երբ կու գայիր, որպէս զի տեսութիւնդ ստանաս ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս»։ 18 Շուտ մը անոր աչքերէն թեփերու պէս բաներ ինկան եւ իսկո՛յն տեսաւ ու ելաւ մկրտուեցաւ։ 19 Կերակուր ուտելով ոյժը վրան եկաւ ու քանի մը օր Դամասկոսի մէջ եղող աշակերտներուն հետ կեցաւ։

ՍՕՂՈՍ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ

20 Եւ անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին։ 21 Եւ ամէն լսողները մեծապէս զարմացեր էին ու կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ Երուսաղէմի մէջ կը մեռցնէր զանոնք, որ այս անունը կը կանչէին. հոս ալ այն բանին համար եկած էր, որպէս զի զանոնք կապած՝ քահանայապետներուն տանի»։ 22 Բայց Սօղոս ա՛լ աւելի կը զօրանար եւ Դամասկոսի մէջ բնակող Հրեաները կը պապանձեցնէր, ապացուցանելով թէ՝ Քրիստոսը ասիկա է։ 23 Շատ օրեր անցնելէն ետքը՝ Հրեաները խորհուրդ ըրին որ զանիկա սպաննեն։ 24 Բայց Սօղոսին յայտնուեցաւ անոնց նենգութիւնը եւ ցորեկ ու գիշեր դռները կը սպասէին, որպէս զի զանիկա սպաննեն։ 25 Իսկ աշակերտները գիշերով առին զանիկա ու զամբիւղով մը կախելով՝ պատէն վար իջեցուցին։

ՍՕՂՈՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

26 Երբ Սօղոս Երուսաղէմ դարձաւ, ջանաց աշակերտներուն միանալ, բայց ամէնքն ալ կը վախնային անկէ, չհաւատալով թէ անիկա աշակերտ էր։ 27 Բայց Բառնաբաս զանիկա առնելով՝ առաքեալներուն տարաւ ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս ճամբուն վրայ Տէրը տեսաւ եւ թէ անոր հետ խօսեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս Դամասկոսի մէջ համարձակ քարոզեց Յիսուսին անունը։ 28 Երուսաղէմի մէջ անոնց հետ կը մտնէր ու կ’ելլէր Տէր Յիսուսին անունովը համարձակ քարոզելով։ 29 Նաեւ Հելլենացիներուն դէմ կը խօսէր եւ վիճաբանութիւն կ’ընէր. անոնք ալ կը փնտռէին զանիկա սպաննել։ 30 Իսկ եղբայրները իմանալով՝ զանիկա Կեսարիա իջեցուցին եւ անկէ Տարսոն ղրկեցին։

31 Այն ատեն եկեղեցիները բոլոր Հրէաստանի եւ Գալիլիայի ու Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն ունեցան եւ շինութիւն կ’ընդունէին ու Տէրոջը երկիւղովը եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնովը քալելով կ’աճէին։

ՊԵՏՐՈՍ ԼԻՒԴԴԻԱՅԻ ԵՒ ՅՈՊՊԷԻ ՄԷՋ

32 Պետրոս ամէն տեղ կը պտըտէր եւ Լիւդդիա բնակող սուրբերուն քով ալ իջաւ։ 33 Հոն մարդ մը գտաւ, որուն անունը Ենիա էր, ութը տարիէ ի վեր մահիճը պառկած անդամալոյծ։ 34 Պետրոս ըսաւ անոր. «Ենիա՛, Յիսուս Քրիստոս քեզ կը բժշկէ. ելի՛ր ու քու անկողինդ շտկէ»։ Ան ալ շուտ մը ելաւ։ 35 Եւ Լիւդդիայի ու Սարօնի մէջ բնակողներուն ամէնքը զանիկա տեսան ու Տէրոջը դարձան։ 36 Յոպպէի մէջ աշակերտ եղած կին մը կար, անունը Տաբիթա, որ կը թարգմանուի Այծեմնիկ. ասիկա լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով որոնք ինք կ’ընէր։ 37 Այն օրերը ինք հիւանդացաւ ու մեռաւ։ Լուացին զանիկա եւ վերը սենեակ մը դրին։ 38 Ու Լիւդդիա Յոպպէի մօտ էր, ուստի աշակերտները լսելով թէ Պետրոս հոն է, անոր երկու մարդ ղրկեցին, աղաչելով որ չուշանայ եւ իրենց գայ։ 39 Պետրոս ալ ելաւ անոնց հետ եկաւ։ Երբ եկաւ, վերի սենեակը հանեցին զանիկա։ Բոլոր որբեւայրիները անոր բոլորտիքը կայնեցան, կու լային ու կը ցուցնէին այն բաճկոնները եւ հանդերձները, որոնք Այծեմնիկ կը շինէր, երբ իրենց հետ էր։ 40 Պետրոս ալ ամէնքը դուրս հանելով՝ ծունկի վրայ եկաւ ու աղօթք ըրաւ եւ դէպի մարմինը դառնալով՝ ըսաւ. «Տա՛բիթա, ելիր կայնէ»։ Ան ալ իր աչքերը բացաւ ու Պետրոսը տեսնելով՝ ելաւ շիտակ նստեցաւ։ 41 Պետրոսն ալ ձեռքը անոր տուաւ ու վերցուց զանիկա եւ սուրբերն ու որբեւայրիները կանչելով՝ անոնց առջեւ ողջ կայնեցուց զանիկա։ 42 Այս բանը բոլոր Յոպպէի մէջ իմացուեցաւ ու շատեր Տէրոջը հաւատացին։ 43 Պետրոս շատ օրեր Յոպպէ կեցաւ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով։

ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ԿՈՌՆԵԼԻՈՍ

10 1 Կեսարիայի մէջ մարդ մը կար Կոռնելիոս անունով, հարիւրապետ՝ Իտալացի կոչուած գունդէն. Բարեպաշտ ու աստուածավախ իր բոլոր տունովը, որ ժողովուրդին շատ ողորմութիւններ կու տար եւ ամէն ատեն Աստուծոյ աղօթք կ’ընէր։ Անիկա օրուան ժամը իննին ատենները տեսիլքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակը յայտնի տեսաւ, որ իր քով մտաւ եւ իրեն ըսաւ. «Կո՛ռնելիոս»։ Ան ալ անոր նայելով ու խիստ վախնալով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ է, Տէ՛ր»։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Քու աղօթքներդ եւ ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ ելան յիշատակի համար։ Հիմա Յոպպէ մարդիկ ղրկէ ու կանչէ Սիմոն անունով մէկը, որ Պետրոս մականուանեալ է։ Անիկա իբրեւ հիւր կը կենայ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով, որուն տունը ծովուն մօտ է»։ Ու երբ այն հրեշտակը, որ իրեն հետ կը խօսէր գնաց, Կոռնելիոս ծառաներէն երկուքը կանչեց ու իր քով սպասողներէն ալ բարեպաշտ զինուոր մը Եւ ամէն բան պատմելով՝ Յոպպէ ղրկեց զանոնք։

Ու հետեւեալ օրը, երբ անոնք ճամբայ երթալով՝ քաղաքին մօտեցան, Պետրոս ժամը վեցին ատենները տանիքը ելաւ աղօթք ընելու։ 10 Խիստ անօթեցած ըլլալով՝ կ’ուզէր ճաշ ընել ու կերակուրի պատրաստութիւն կը տեսնէին, իր վրայ մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ. 11 Եւ տեսաւ երկինքը բացուած ու չորս ծայրէն կապուած աման մը մեծ կտաւի մը պէս, որ իջաւ երկրի վրայ, 12 Որուն մէջ կային ամէն տեսակ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։ 13 Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. «Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ ու կեր»։ 14 Բայց Պետրոս ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի ես ամենեւին պիղծ կամ անմաքուր բան մը կերած չեմ»։ 15 Նորէն ձայնը եկաւ իրեն. «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»։ 16 Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ եւ ամանը երկինք վերցաւ։ 17 Պետրոս, երբ իր մտքին մէջ կը զարմանար թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այն իր տեսած տեսիլքը, ահա Կոռնելիոսէն ղրկուած մարդիկը Սիմոնին տունը հարցուցին ու դրանը առջեւ կայնեցան 18 Եւ կանչելով՝ կը հարցնէին թէ՝ «Սիմոնը, որ Պետրոս կ’ըսուի, հո՞ս կը կենայ»։ 19 Երբ Պետրոս այն տեսիլքին վրայով կը մտածէր, Սուրբ Հոգին ըսաւ անոր. «Ահա երեք մարդիկ քեզ կը փնտռեն։ 20 Ուստի ելի՛ր, իջի՛ր եւ անոնց հետ գնա՛ առանց խղճահարութեան, վասն զի ես ղրկեցի զանոնք»։ 21 Պետրոս ալ այն մարդոց քով իջնելով՝ ըսաւ. «Ահա ե՛ս եմ անիկա, որ կը փնտռէք. ի՞նչ բանի համար եկած էք»։ 22 Անոնք ալ ըսին. «Կոռնելիոս հարիւրապետը, արդար եւ աստուածավախ մարդ, բոլոր Հրեաներու ազգէն վկայուած, սուրբ հրեշտակէ մը հրաման առաւ, որ քեզ իր տունը կանչէ եւ քու խօսքերդ լսէ»։ 23 Այն ատեն ներս կանչեց զանոնք եւ իր քով վար դրաւ։

Հետեւեալ օրը Պետրոս ելաւ անոնց հետ գնաց եւ Յոպպէէն քանի մը եղբայրներ ալ իրեն հետ գացին։ 24 Յաջորդ օրը Կեսարիա մտան։ Կոռնելիոս ալ իր ազգականները եւ մտերիմ բարեկամները կանչած՝ անոնց կը սպասէր։ 25 Երբ Պետրոս ներս մտաւ, Կոռնելիոս անոր դէմ ելաւ ու անոր ոտքը իյնալով երկրպագութիւն կ’ընէր։ 26 Բայց Պետրոս զանիկա կանգնեցուց ու ըսաւ. «Ելիր կայնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ»։ 27 Եւ անոր հետ խօսակցելով ներս մտաւ։ Հոն շատ մարդիկ հաւաքուած էին։ 28 Եւ ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ օրինաւոր բան չէ Հրեայ մարդու մը օտարազգիի մը հետ հաղորդակցութիւն ընելը կամ անոր մօտենալը. բայց Աստուած ինծի ցուցուց, որ ոեւէ մարդու պիղծ կամ անմաքուր չըսեմ։ 29 Անոր համար երբ ես կանչուեցայ, առանց դէմ խօսելու եկայ. բայց հիմա կը հարցնեմ, ի՞նչ բանի համար զիս կանչեցիք»։ 30 Կոռնելիոս ալ ըսաւ. «Չորս օր առաջ մինչեւ այս ժամը ծոմ կը պահէի ու ժամը իննին տանս մէջ աղօթք կ’ընէի եւ ահա փայլուն հանդերձներով մարդ մը կայնեցաւ առջեւս ու ըսաւ. 31 ‘Կո՛ռնելիոս, քու աղօթքդ լսուեցաւ եւ քու ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ յիշուեցան. 32 Ուստի մարդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ Սիմոնը, որ Պետրոս ալ կ’ըսուի, անիկա ծովուն մօտ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը տանը մէջ իբրեւ հիւր կը կենայ, երբ գայ, քեզի պիտի խօսի’։ 33 Ուստի անմիջապէս մարդիկ ղրկեցի քեզի, դուն ալ աղէկ ըրիր որ եկար եւ հիմա մենք ամէնքս Աստուծոյ առջեւ կեցեր ենք՝ լսելու այն ամէն բաները, որոնք Աստուծմէ հրամայուած են քեզի»։

ՊԵՏՐՈՍԻՆ ԽՕՍՔԸ

34 Պետրոս ալ իր բերանը բացաւ ու ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ 35 Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է։ 36 Այն խօսքը որ Իսրայէլի որդիներուն ղրկեց Աստուած խաղաղութիւն քարոզելու Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով. անիկա է ամենուն Տէրը. 37 Դուք ալ աղէկ գիտէք եւ գիտէք այն ամէն բաները, որ բոլոր Հրէաստանի մէջ պատահեցան Գալիլիայէն սկսած, այն վկայութենէն յետոյ, որ Յովհաննէս քարոզեց. 38 Յիսուսը որ Նազարէթէն էր, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութիւնով, որ պտըտեցաւ բարիք ընելով ու Սատանայէն բոլոր տանջուածները բժշկելով, քանզի Աստուած իրեն հետ էր։ 39 Եւ մենք վկայ ենք այն ամէն բաներուն որոնք ըրաւ Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ, որ փայտէն կախուած սպաննեցին ալ։ 40 Աստուած զանիկա երրորդ օրը յարուցանեց եւ յայտնի ըրաւ զանիկա, 41 Ո՛չ թէ բոլոր ժողովուրդին, հապա մեզի, նախապէս Աստուծմէ վկայ ըլլալու ընտրուածներուս, որ իրեն հետ կերանք ու խմեցինք ալ անոր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետքը։ 42 Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք, թէ անիկա է Աստուծմէ սահմանուած՝ կենդանիներուն ու մեռելներուն Դատաւորը։ 43 Անոր կը վկայեն բոլոր մարգարէները, թէ ամէն իրեն հաւատացողները իր անունով մեղքերու թողութիւն պիտի գտնեն»։

ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻՆ

44 Ու երբ Պետրոս այս խօսքերը կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ ամենուն վրայ, որոնք խօսքը կը լսէին։ 45 Թլփատուածներէն եղող հաւատացեալները, որոնք Պետրոսին հետ եկած էին, զարմացան որ հեթանոսներուն վրայ ալ Սուրբ Հոգիին պարգեւը կը լեցուէր 46 Եւ կը լսէին անոնց ուրիշ լեզուներով խօսիլը եւ Աստուած կը փառաւորէին։ 47 Այն ատեն Պետրոս ըսաւ անոնց. «Կրնա՞յ մէկը արգիլել որ անոնք մկրտուին, որոնք Սուրբ Հոգին ալ ընդունեցին մեզի պէս»։ 48 Ու հրաման ըրաւ, որ Տէրոջը անունովը մկրտուին։ Անոնք ալ իրեն աղաչեցին, որ քանի մը օր հոն մնայ։

ՊԵՏՐՈՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ

11 1 Առաքեալներն ու եղբայրները, որոնք Հրէաստանի կողմերն էին, լսեցին թէ հեթանոսներն ալ Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են։ Երբ Պետրոս Երուսաղէմ գնաց, թլփատուածները անոր հետ կը վիճէին Ու կ’ըսէին թէ՝ «Դուն անթլփատ մարդոց քով մտար եւ անոնց հետ հաց կերար»։ Պետրոս ալ սկսաւ բանը կարգով պատմել անոնց. «Ես Յոպպէ քաղաքը աղօթք կ’ընէի ու մտքի յափշտակութեան մէջ տեսիլք մը տեսայ. աման մը մեծ կտաւի պէս՝ չորս ծայրերէն երկնքէն կախուած իջաւ ու մինչեւ ինծի հասաւ, Որուն վրայ աչքս տնկեր կը նայէի եւ տեսայ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։ Եւ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր ինծի. ‘Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ՛ ու կեր’։ Բայց ես ըսի. ‘Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի պիղծ կամ անմաքուր բան մը ամենեւին մտած չէ իմ բերանս’։ Երկրորդ անգամ այն ձայնը երկնքէն ըսաւ. ‘Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր’։ 10 Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ ու բոլորը երկինք քաշուեցաւ։ 11 Նոյն ատեն երեք մարդ՝ Կեսարիայէն ինծի ղրկուած՝ եկան իմ եղած տանս առջեւ կեցան։ 12 Հոգին ալ ինծի ըսաւ, որ անոնց հետ երթամ առանց խղճահարութեան։ Այս վեց եղբայրներն ալ ինծի հետ էին ու մտանք այն մարդուն տունը։ 13 Եւ անիկա մեզի պատմեց թէ ի՛նչպէս իր տանը մէջ հրեշտակ մը տեսաւ, որ կայներ էր եւ իրեն կ’ըսէր. ‘Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը որ Պետրոս ալ կը կոչուի. 14 Ան քեզի խօսքեր պիտի խօսի, որպէս զի փրկուիք դուն եւ քու բոլոր տունդ’։ 15 Ու երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ իջաւ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ։ 16 Այն ատեն յիշեցի Տէրոջը խօսքը, որ կ’ըսէր. ‘Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք’։ 17 Ուստի եթէ Աստուած միեւնոյն շնորհքը տուաւ անոնց, ինչպէս մեզի ալ, երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին. ես ո՞վ էի, որ կարենայի Աստուծոյ դէմ դնել»։ 18 Այս բաները լսելով՝ ձայներնին կտրեցին եւ Աստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ կեանքի համար ապաշխարութիւն տուաւ»։

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՆՏԻՈՔԻ ՄԷՋ

19 Ստեփանոսին մահուան վրայ եկած նեղութենէն ցիրուցան եղածները մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք հասան, բայց ոեւէ մէկուն Աստուծոյ խօսքը չէին խօսեր, միայն՝ Հրեաներուն։ 20 Անոնցմէ ոմանք Կիպրացի եւ Կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ Անտիոք մտան, Հելլենացիներուն հետ կը խօսէին՝ Տէր Յիսուսը քարոզելով։ 21 Տէրոջը ձեռքը անոնց հետ էր։ Բազմաթիւ մարդիկ հաւատալով՝ Տէրոջը դարձան։ 22 Այս լուրը Երուսաղէմի եկեղեցիին ականջը հասաւ ու Բառնաբասը ղրկեցին, որպէս զի մինչեւ Անտիոք երթայ։ 23 Որը, երբ գնաց եւ Աստուծոյ շնորհքը տեսաւ՝ ուրախացաւ ու կը յորդորէր ամէնքն ալ՝ որ յօժար սրտով Տէրոջը հետ կապուած մնան. 24 Քանզի ինք բարի մարդ էր, Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն ու Տէրոջը շատ ժողովուրդ աւելցաւ։ 25 Ետքը Բառնաբաս Տարսոն անցաւ Սօղոսը փնտռելու։ Զանիկա գտնելով՝ Անտիոք բերաւ։ 26 Անոնք լման տարի մը եկեղեցիին հետ մէկտեղ հաւաքուելով՝ շատ ժողովուրդի սորվեցուցին։ Ամենէն առաջ Անտիոքի մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ անուանուեցան։

27 Այն օրերը Երուսաղէմէն մարգարէներ իջան Անտիոք։ 28 Անոնցմէ մէկը, Ագաբոս անունով, ելաւ իմացուց Հոգիին զօրութիւնովը, թէ մեծ սով մը պիտի ըլլայ բոլոր աշխարհը, որ իրապէս եղաւ Կղօդիոսի օրերը։ 29 Աշակերտները որոշեցին, որ իրենցմէ ամէն մէկը ձեռքէն եկածին չափ Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն օգնութիւն ղրկեն։ 30 Այդպէս ալ կատարեցին, երէցներուն ղրկելով Բառնաբասին ու Սօղոսին ձեռքով։

ԱՒԵԼԻ ՀԱԼԱԾԱՆՔ

12 1 Այն ատենները Հերովդէս թագաւորը սկսաւ եկեղեցիէն մէկ քանիները չարչարել։ Յովհաննէսին եղբայրը՝ Յակոբոսը սրով սպաննեց։ Տեսնելով որ Հրեաներուն հաճելի է, Պետրոսն ալ բռնեց։ Բաղարջակերացի օրերն էին։ Երբ զանիկա բռնեց, բանտը դրաւ եւ չորս կարգ չորսական զինուորներու յանձնեց, որպէս զի պահեն եւ կ’ուզէր զատկէն յետոյ ժողովուրդին հանել զանիկա։ Պետրոս բանտին մէջ պահուած էր, բայց եկեղեցին անդադար աղօթք կ’ընէր Աստուծոյ՝ անոր համար։

ՊԵՏՐՈՍ Կ’ԱԶԱՏԻ ԲԱՆՏԷՆ

Հերովդէս կ’ուզէր զանիկա յաջորդ օրը դուրս բերել, բայց այն գիշերը Պետրոս երկու զինուորներու մէջտեղ կը քնանար կրկին շղթաներով կապուած։ Պահապանները դրանը առջեւ բանտին կը հսկէին։ Յանկարծ Տէրոջը հրեշտակը եկաւ քովը կայնեցաւ։ Տանը մէջ լոյս մը ծագեցաւ։ Հրեշտակը Պետրոսին կողը խթելով՝ արթնցուց զանիկա ու ըսաւ. «Շուտով ելի՛ր»։ Շղթաները անոր ձեռքերէն վար ինկան։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Գօտիդ կապէ՛ ու հողաթափներդ հագիր»։ Անիկա ալ այնպէս ըրաւ։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Հանդերձդ վրադ ա՛ռ ու եկո՛ւր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ելլելով անոր ետեւէն կ’երթար, բայց չէր գիտեր թէ այն հրեշտակին ըրածը իրակա՞ն է, հապա կը կարծէր թէ տեսիլք կը տեսնէ։ 10 Երբ անոնք առաջին ու երկրորդ պահապաններէն անցան, եկան մինչեւ երկաթէ դուռը, որ քաղաքին մէջ կը հանէր, ինքնիրմէ բացուեցաւ։ Անկէ ելլելով՝ փողոց մը անցան, հրեշտակն ալ իսկոյն անկէ զատուեցաւ։ 11 Պետրոս ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. «Հիմա ճշմարտապէս գիտեմ, թէ Տէրը իր հրեշտակը ղրկեց եւ ազատեց զիս Հերովդէսին ձեռքէն ու Հրէից ժողովուրդին բոլոր ակնկալութենէն»։ 12 Այսպէս մտածելով՝ գնաց Մարկոս ըսուած Յովհաննէսին մօրը Մարիամին տունը, ուր շատեր հաւաքուած աղօթք կ’ընէին։ 13 Երբ տանը դուրսի դուռը զարկաւ, Հռովդէ անունով աղախին մը գնաց ականջ դնելու. 14 Պետրոսին ձայնը ճանչցաւ, ուրախութենէն դուռը չբացաւ, հապա ներս վազելով յայտնեց. «Պետրոս դրանը առջեւ կայներ է»։ 15 Իսկ անոնք ըսին անոր. «Խենթեցե՞ր ես»։ Բայց ինք կը պնդէր։ Անոնք ալ կ’ըսէին. «Անոր հրեշտակը պիտի ըլլայ»։ 16 Սակայն Պետրոս անդադար կը զարնէր ու երբ բացին, զինք տեսնելով ապշեցան։ 17 Բայց անիկա ձեռքով նշան ըրաւ անոնց՝ որ լուռ կենան ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս Տէրը զինք բանտէն հանեց եւ ըսաւ. «Ասիկա Յակոբոսին ու եղբայրներուն պատմեցէք»։ Ինք ելաւ ուրիշ տեղ գնաց։ 18 Առտուն, մեծ խռովութիւն ծագեցաւ զինուորներուն մէջ՝ թէ արդեօք ի՞նչ եղաւ Պետրոս։ 19 Հերովդէս ալ երբ ուզեց զանիկա ու չգտաւ, պահապանները հարցուփորձ ընելով՝ հրաման ըրաւ որ սպաննուին։ Պետրոս Հրէաստանէն Կեսարիա գնաց ու հոն կեցաւ։

ՀԵՐՈՎԴԷՍԻՆ ՄԱՀԸ

20 Հերովդէս խիստ թշնամացած էր Տիւրացիներուն ու Սիդոնացիներուն։ Անոնք ալ միաբանութեամբ եկան ու թագաւորին Բղաստոս սենեկապետը համոզելով՝ հաշտութիւն խնդրեցին. վասն զի իրենց երկիրը թագաւորին երկրէն ապրուստ կ’առնէր։ 21 Եւ որոշուած օր մը Հերովդէս թագաւորական հանդերձը հագած ու ատեանը նստած՝ անոնց ատենաբանութիւն կ’ընէր։ 22 Ժողովուրդն ալ կ’աղաղակէր թէ ‘Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու’։ 23 Իսկոյն Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար եւ որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ։

24 Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու կը շատնար։ 25 Բառնաբաս ու Սօղոս երբ իրենց յանձնուած պաշտօնը լմնցուցին, Երուսաղէմէն դարձան, Մարկոս ըսուած Յովհաննէսն ալ իրենց հետ առնելով։

ԲԱՌՆԱԲԱՍՆ ՈՒ ՍՕՂՈՍԸ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻՆ ՈՒ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻՆ

13 1 Անտիոքի մէջ եղած եկեղեցիէն քանի մը մարգարէներ ու վարդապետներ կային, Բառնաբաս ու Շմաւոն, որ Նիւգէր կը կոչուէր եւ Ղուկիոս Կիւրենացին ու Մանայէն, Հերովդէս չորրորդապետին սննդակիցը եւ Սօղոս։ Երբ ասոնք Տէրոջը պաշտօնին մէջ էին եւ ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք»։ Այն ատեն ծոմ պահելով եւ աղօթք ընելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ ու ղրկեցին։

ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

Անոնք ալ Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ Սելեւկիա իջան ու անկէ անցան Կիպրոս։ Սաղամինա հասնելով՝ Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէին ու Յովհաննէսն ալ իրենց սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Անոնք պտըտելով այն [բոլոր] կղզին գացին մինչեւ Պափոս, հոն գտան սուտ մարգարէ՝ Հրեայ մոգ մը, որուն անունը Բարեյեսու էր, Որ փոխանորդ բդեշխին հետ էր, որ կը կոչուէր Սերգիոս Պօղոս, խելացի մարդ մը։ Ասիկա Բառնաբասը եւ Սօղոսը հրաւիրելով՝ ուզեց Աստուծոյ խօսքը լսել։ Սակայն անոնց դէմ կեցաւ Եղիմաս մոգ, (քանզի այսպէս կը թարգմանուի անոր անունը,) որ կ’ուզէր փոխանորդ բդեշխը հաւատքէն դարձնել։ Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը անոր վրայ տնկեց 10 Ու ըսաւ. «Ո՜վ ամէն խաբեբայութիւնով եւ ամէն խորամանկութիւնով լեցուած Սատանայի որդի, թշնամի բոլոր արդարութեան, պիտի չդադրի՞ս Տէրոջը շիտակ ճամբաները ծռելէ։ 11 Հիմա Տէրոջը ձեռքը ահա քու վրադ է ու կոյր պիտի ըլլաս՝ ատեն մը արեւը չտեսնելով»։ Իսկոյն անոր վրայ մէգ ու խաւար իջաւ ու պտըտելով առաջնորդ կը փնտռէր։ 12 Այն ատեն փոխանորդ բդեշխը, երբ այս բաները տեսաւ՝ հաւատաց, մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ։

ՊԻՍԻԴԻԱՅԻ ԱՆՏԻՈՔԻՆ ՄԷՋ

13 Պօղոս ու իր ընկերները Պափոսէն ելան, գացին Պամփիւլիայի Պերգէն. բայց Յովհաննէս անոնցմէ զատուելով՝ Երուսաղէմ անցաւ։ 14 Անոնք ալ Պերգէէն գացին ու հասան Պիսիդիայի Անտիոքը եւ շաբաթ օրը ժողովարան մտնելով՝ նստան։ 15 Ու օրէնքին եւ մարգարէներուն կարդացուելէն յետոյ՝ ժողովրդապետները մարդ ղրկեցին իրենց ու ըսին. «Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք ժողովուրդին խօսելու յորդորական խօսք մը ունիք՝ խօսեցէք»։ 16 Այն ատեն Պօղոս ոտքի կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայելացի մարդիկ եւ դուք որ Աստուծմէ կը վախնաք, մտի՛կ ըրէք։ 17 Այս Իսրայէլ ժողովուրդին Աստուածը մեր հայրերը ընտրեց ու ժողովուրդը բարձրացուց Եգիպտոսի մէջ պանդխտութեան ատենը եւ զօրաւոր բազուկով զանոնք հանեց։ 18 Քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեց զանոնք։ 19 Քանանի երկրին մէջ եօթը ազգ կործանելով՝ անոնց երկիրը իրենց տուաւ որ ժառանգեն։ 20 Անկէ յետոյ չորս հարիւր յիսուն տարիի չափ դատաւորներ տուաւ անոնց մինչեւ Սամուէլ մարգարէն։ 21 Ետքը թագաւոր ուզեցին եւ Աստուած Կիսի որդին Սաւուղը տուաւ անոնց, Բենիամինին ցեղէն մարդ մը, քառասուն տարի։ 22 Յետոյ զանիկա փոխեց, Դաւիթը տուաւ իրենց թագաւոր, որուն համար վկայութիւն տալով՝ ըսաւ. ‘Յեսսէի որդին Դաւիթը գտայ իմ սրտիս համեմատ մարդ, որ իմ բոլոր կամքս պիտի կատարէ’։ 23 Ասոր սերունդէն Աստուած իր խոստումին պէս Իսրայէլին՝ Փրկիչ Յիսուսը հանեց. 24 Դեռ անիկա իր պաշտօնը չսկսած՝ Յովհաննէս նախապէս Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ապաշխարութեան մկրտութիւնը քարոզեց։ 25 Երբ Յովհաննէս իր ընթացքը կը կատարէր՝ ըսաւ. ‘Ո՞վ կը կարծէք թէ եմ. ես Քրիստոսը չեմ, հապա անիկա ահա՛ իմ ետեւէս կու գայ, որուն ոտքերուն կօշիկները քակելու արժանի չեմ’։ 26 Մարդի՛կ եղբայրներ, Աբրահամին տոհմին որդիներ՝ անոնք որ ձեր մէջ աստուածավախ են՝ այս փրկութեան խօսքը ձեզի ղրկուեցաւ։ 27 Քանզի Երուսաղէմ բնակողները եւ անոնց իշխանները ո՛չ զանիկա ճանչցան, ո՛չ ալ մարգարէներուն ձայները՝ որոնք ամէն շաբաթ օրերը կը կարդացուին, բայց գրուածները կատարեցին՝ զինք դատապարտելով 28 Եւ մահուան պատճառ մըն ալ չգտած, Պիղատոսէն խնդրեցին, որ անիկա սպաննուի։ 29 Երբ անոր համար բոլոր գրուած բաները կատարեցին, փայտէն վար իջեցնելով՝ գերեզմանին մէջ դրին։ 30 Բայց Աստուած զանիկա յարուցանեց մեռելներէն։ Յիսուս շատ օրեր երեւցաւ անոնց, 31 Որ իրեն հետ Գալիլիայէն Երուսաղէմ ելեր էին, որոնք հիմա անոր վկաներն են ժողովուրդին առջեւ։ 32 Մենք ալ ձեզի կը քարոզենք այն խոստումը, որ հայրերուն ըրած էր, 33 Որ Աստուած կատարեց մեզի, որ անոնց զաւակներն ենք, Յիսուսը յարուցանելով, ինչպէս երկրորդ սաղմոսին մէջ ալ գրուած է. ‘Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ’։ 34 Եւ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց, անգամ մըն ալ ապականութիւն պիտի չտեսնէ։ Այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզի պիտի տամ Դաւիթին հաւատարիմ սուրբ խոստումները’։ 35 Եւ ուրիշ սաղմոսի մը մէջ ալ կ’ըսէ. ‘Քու Սուրբիդ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս’։ 36 Վասն զի Դաւիթ իր դարուն մէջ Աստուծոյ կամքին ծառայելով՝ մեռաւ ու իր հայրերուն քով դրուեցաւ եւ ապականութիւն տեսաւ։ 37 Բայց ան, որ Աստուած յարուցանեց՝ ապականութիւն չտեսաւ։ 38 Ուրեմն յայտնի ըլլայ ձեզի, մարդի՛կ եղբայրներ, որ Յիսուսի միջոցով ձեզի մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի։ 39 Այն ամէ՛ն բաներէն՝ որոնցմէ Մովսէսին օրէնքովը չկրցաք արդարանալ, բայց ամէն ով որ Յիսուսին հաւատայ, պիտի արդարանայ։ 40 Արդ՝ զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ ձեր վրայ գայ այն որ մարգարէներուն մէջ ըսուած է. 41 ‘Նայեցէ՛ք, արհամարհողներ եւ զարմացէ՛ք ու ոչնչացէ՛ք. վասն զի գործ մը պիտի ընեմ ձեր օրերուն մէջ, այնպիսի գործ մը՝ որ եթէ մէկը ձեզի պատմէ, պիտի չհաւատաք’»։

42 Երբ անկէ դուրս ելան, կ’աղաչէին որ հետեւեալ շաբաթ ալ նոյն խօսքերը իրենց խօսին։ 43 Երբ ժողովուրդը արձակուեցաւ, Հրեաներէն ու նորահաւատ բարեպաշտներէն շատեր Պօղոսին ու Բառնաբասին ետեւէն կ’երթային. որոնք կը խօսէին անոնց հետ ու կը յորդորէին զանոնք, որ միշտ Աստուծոյ շնորհքին մէջ հաստատ կենան։ 44 Հետեւեալ շաբաթ օրը գրեթէ բոլոր քաղաքը հաւաքուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու։ 45 Իսկ Հրեաները երբ տեսան այն բազմութիւնը, նախանձով լեցուեցան ու Պօղոսին ըսածներուն դէմ կը խօսէին՝ հակառակելով ու հայհոյութիւն ընելով։ 46 Այն ատեն Պօղոս եւ Բառնաբաս համարձակեցան ու ըսին. «Պէտք էր առաջ ձեզի խօսուէր Աստուծոյ խօսքը, բայց որովհետեւ դուք զանիկա կը մերժէք ու ինքզինքնիդ յաւիտենական կեանքի արժանի չէք սեպեր, ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք։ 47 Վասն զի Տէրը այսպէս պատուիրած է մեզի. ‘Քեզ հեթանոսներուն լոյս դրի, որպէս զի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս մինչեւ երկրին ծայրերը’»։ 48 Ասիկա լսելով՝ հեթանոսները կ’ուրախանային ու Աստուծոյ խօսքը կը փառաւորէին եւ որոնք որ յաւիտենական կեանքի սահմանուած էին, հաւատացին։ 49 Տէրոջը խօսքը բոլոր գաւառը կը տարածուէր։ 50 Բայց Հրեաները գրգռեցին բարեպաշտ եւ պատուաւոր կիները ու քաղաքին մեծերը եւ Պօղոսին ու Բառնաբասին դէմ հալածանք հանելով՝ զանոնք իրենց սահմաններէն դուրս ըրին։ 51 Անոնք ալ իրենց ոտքերուն փոշին անոնց դէմ թօթուելով՝ Իկոնիոն գացին։ 52 Աշակերտները ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով կը լեցուէին։

ԻԿՈՆԻՈՆԻ ՄԷՋ

14 1 Պօղոս եւ Բառնաբաս մէկտեղ Իկոնիոնի մէջ Հրեաներուն ժողովարանը մտան եւ այնպէս խօսեցան, որ խիստ շատ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին։ Բայց չհաւատացող Հրեաները դրդեցին ու չարութեան գրգռեցին հեթանոսներուն սիրտը եղբայրներուն դէմ։ Անոնք շատ ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակ կը քարոզէին Տէրոջմով որ իր շնորհաց խօսքին կը վկայէր եւ նշաններ ու հրաշքներ ընել կու տար անոնց ձեռքով։ Քաղաքին ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն մը եղաւ. ոմանք Հրեաներուն կողմէն եղան, ոմանք ալ՝ առաքեալներուն։ Երբ հեթանոսները եւ Հրեաները իրենց իշխաններովը անոնց վրայ յարձակեցան՝ զանոնք նախատելու ու քարկոծելու, Իրենք իմանալով Լիկայոնացիներուն քաղաքները փախան՝ Լիւստրա եւ Դերբէ եւ շրջակայ տեղերը՝ 14։6 ու հոն աւետարանը կը քարոզէին։

ԼԻՒՍՏՐԱՅԻ ԵՒ ԴԵՐԲԷԻ ՄԷՋ

14։7 Լիւստրայի մէջ մարդ մը նստեր էր ոտքերովը տկար՝ իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած, որ բնաւ քալած չէր։ 14։8 Ասիկա Պօղոսին մտիկ կ’ընէր։ Ան ալ աչքը անոր տնկելով եւ տեսնելով թէ բժշկուելու հաւատք ունի, 10 14։9 Բարձր ձայնով մը ըսաւ. «Ելի՛ր, ոտքերուդ վրայ շիտա՛կ կայնէ»։ Ան ալ ցատկելով՝ կը քալէր։ 11 14։10 Ժողովուրդը, երբ Պօղոսին ըրածը տեսաւ, ձայներնին վերցնելով՝ Լիկայոներէն ըսին. «Աստուածները մարդոց նմանութիւնով մեզի իջեր են»։ 12 14։11 Բառնաբասը Դիոս կը կոչէին եւ Պօղոսը՝ Հերմէս, վասն զի անիկա էր գլխաւոր խօսողը։ 13 14։12 Իսկ քաղաքին առջեւ եղած Դիոսին քուրմը ցուլեր եւ պսակներ բերելով դռներուն առջեւ, բազմութեանը հետ մէկտեղ կ’ուզէր որ զոհ ընէ։ 14 14։13 Բայց Բառնաբաս ու Պօղոս առաքեալները երբ լսեցին, իրենց հանդերձները պատռելով՝ դուրս ցատկեցին բազմութեանը մէջ, աղաղակելով ու ըսելով. 15 14։14 «Մարդի՛կ, ինչո՞ւ համար այդ բաները կ’ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս կիրք ունեցող մարդիկ ենք ու կը քարոզենք ձեզի, որ այդ փուճ բաներէն կենդանի Աստուծոյ դառնաք, որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները, 16 14։15 Որ անցած դարերուն թող տուաւ բոլոր ազգերուն, որ իրենց ճամբաները երթան։ 17 14։16 Սակայն ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով»։ 18 14։17 Այս բաները ըսելով՝ հազիւ կրցան ժողովուրդը զսպել, որ իրենց զոհ չմատուցանեն։

19 14։18 Սակայն Անտիոքէն ու Իկոնիոնէն Հրեաներ հասան ու ժողովուրդը համոզեցին եւ Պօղոսը քարկոծեցին ու քաղաքէն դուրս քաշեցին՝ կարծելով թէ մեռած է։ 20 14։19 Բայց աշակերտները, երբ անոր բոլորտիքը պատեցին, ելաւ քաղաքը մտաւ ու հետեւեալ օրը Բառնաբասին հետ մէկտեղ Դերբէ գնաց։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՆՏԻՈՔ

21 14։20 Անոնք այն քաղաքին մէջ աւետարանը քարոզելով ու շատերը աշակերտ ընելով՝ Լիւստրա եւ Իկոնիոն եւ Անտիոք դարձան, 22 14։21 Աշակերտներուն սրտերը հաստատելով եւ յորդորելով, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ կ’ըսէին թէ՝ «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ 23 14։22 Անոնք իւրաքանչիւր եկեղեցիի երէցներ ձեռնադրեցին, ծոմապահութեամբ աղօթք ընելով զանոնք յանձնեցին Տէրոջը՝ որուն հաւատացեր էին։ 24 14։23 Պիսիդիայի մէջէն պտըտելով՝ գացին Պամփիւլիա։ 25 14։24 Պերգէի մէջ Տէրոջը խօսքը խօսելէ ետք, Ատալիա իջան։ 26 14։25 Անկէ ալ նաւով Անտիոք գացին, ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնուած էին այն գործին համար որ կատարեցին։ 27 14։26 Ու երբ եկան, եկեղեցին մէկտեղ ժողվելով՝ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց միջոցով եւ որ հեթանոսներուն հաւատքի դուռ բացեր էր։ 28 14։27 Հոն երկար ժամանակ աշակերտներուն քով կեցան։

ԺՈՂՈՎ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

15 1 Մէկ քանիներ, Հրէաստանէն եկած, եղբայրներուն կը սորվեցնէին թէ՝ «Եթէ Մովսէսին աւանդած սովորութեանը համեմատ չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ»։ Ուստի Պօղոսին եւ Բառնաբասին դէմ շատ մը հակառակութիւն ու վէճ ընելէն ետքը, վճռեցին որ Պօղոսն ու Բառնաբասը եւ մէկ քանիներ ալ անոնցմէ՝ Երուսաղէմ երթան առաքեալներուն ու երէցներուն՝ այս խնդրին համար։ Անոնք ալ եկեղեցիէն ճամբու դրուելով՝ Փիւնիկէէն ու Սամարիայէն անցան եւ հեթանոսներուն դարձի գալը պատմելով՝ մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները։ Երբ Երուսաղէմ հասան, եկեղեցիէն ու առաքեալներէն եւ երէցներէն ընդունուեցան եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց միջոցով։ Փարիսեցիներու աղանդէն հաւատացեալներէն ոմանք ելան ու ըսին թէ՝ «Պէտք է թլփատել զանոնք ու պատուիրել որ Մովսէսին օրէնքը պահեն»։

Առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան այս մասին խորհելու։ Շատ վիճաբանութիւն ընելէ յետոյ, Պետրոս ոտքի վրայ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, դուք գիտէք թէ առաջին օրերէն Աստուած զիս ընտրեց մեր մէջէն, որպէս զի իմ բերնովս հեթանոսները աւետարանին խօսքը լսեն ու հաւատան։ Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով, ինչպէս մեզի ալ, Եւ խտրութիւն մը չըրաւ մեր ու անոնց մէջտեղ, հաւատքով անոնց սրտերը մաքրելով։ 10 Ուստի հիմա ինչո՞ւ Աստուած կը փորձէք, աշակերտներուն պարանոցին վրայ այնպիսի լուծ մը դնելով, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կրցանք վերցնել։ 11 Բայց կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսին շնորհքովը կը փրկուինք մենք, ինչպէս անոնք ալ»։

12 Բոլոր ժողովուրդը լուռ կեցաւ ու մտիկ կ’ընէր Բառնաբասին ու Պօղոսին, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ո՛րչափ նշաններ ու հրաշքներ ըրեր էր հեթանոսներուն մէջ իրենց ձեռքով։ 13 Անոնք խօսքերնին կտրելէն յետոյ՝ Յակոբոս խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք. 14 Շմաւոն պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար։ 15 Այս բանին համար մարգարէներուն խօսքերն ալ կը միաբանին, ինչպէս գրուած է. 16 ‘Ասկէ ետեւ պիտի դառնամ ու Դաւիթին ինկած խորանը նորէն պիտի շինեմ եւ անոր կործանուած տեղերը նորէն պիտի շինեմ եւ կանգնեցնեմ զանիկա, 17 Որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է, կ’ըսէ Տէրը, որ այս ամէն բաները կ’ընէ։ 18 Յայտնի են Աստուծոյ իր բոլոր գործերը աշխարհի սկիզբէն ի վեր’։ 19 Ասոր համար ես յարմար կը դատեմ նեղութիւն չտալ անոնց, որոնք հեթանոսներէն Աստուծոյ կը դառնան. 20 Հապա թուղթ մը գրել անոնց՝ որ ետ կենան կուռքերու պղծութիւններէն եւ պոռնկութենէ ու խեղդուածէ եւ արիւնէ։ 21 Վասն զի Մովսէս հին դարերէն ի վեր ամէն քաղաքի մէջ զինք քարոզողներ ունի եւ ժողովարաններու մէջ ամէն շաբաթ օր կը կարդացուի»։

ՆԱՄԱԿ ՀԵԹԱՆՈՍ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

22 Այն ատեն առաքեալներուն ու երէցներուն՝ բոլոր եկեղեցիին հետ մէկտեղ աղէկ երեւցաւ որ իրենցմէ մարդիկ ընտրելով Անտիոք ղրկեն Պօղոսին ու Բառնաբասին հետ, Բարսաբա մականուանեալ Յուդան եւ Շիղան, որոնք գլխաւոր մարդիկ էին եղբայրներուն մէջ։ 23 Ու անոնց ձեռքով թուղթ մը ղրկեցին, այսպէս գրուած.

«Առա՛քեալներ ու երէ՛ցներ եւ ե՛ղբայրներ, Անտիոքի ու Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ հեթանոսներէն եղած եղբայրներուդ ողջո՛յն։ 24 Որովհետեւ լսեցինք թէ ոմանք մեր մէջէն ելլելով՝ ձեզ խօսքերով խռովեցուցեր եւ ձեր անձերը նեղած են, ըսելով թէ պէտք է թլփատուիլ ու օրէնքը պահել, որոնց մենք այսպէս չպատուիրեցինք։ 25 Մեզի միաբանութեամբ հաւաքուածներուս աղէկ երեւցաւ, որ մարդիկ ընտրելով ձեզի ղրկենք՝ մեր սիրելիներուն, Բառնաբասին ու Պօղոսին հետ, 26 Որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անուանը համար անձերնին մատնած մարդիկ են։ 27 Ուստի ղրկեցինք Յուդան եւ Շիղան, որպէս զի իրենք ալ բերնով նոյն բաները ձեզի ըսեն. 28 Վասն զի աղէկ երեւցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ ձեր վրայ աւելի բեռ չդնել այս հարկաւոր բաներէն զատ, 29 Որ ետ կենաք կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ, որոնցմէ ինքզինքնիդ պահելով աղէկ պիտի ընէք։ Ո՛ղջ եղէք»։

30 Անոնք ալ ճամբայ դրուելով՝ Անտիոք գացին եւ ժողովուրդը մէկտեղ ժողվելով թուղթը տուին։ 31 Ու երբ կարդացին, ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար։ 32 Իսկ Յուդա ու Շիղա, որ իրենք ալ մարգարէ էին, շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին։ 33 Ատեն մը հոն կենալէ յետոյ, եղբայրներէն խաղաղութեամբ ճամբայ դրուեցան ու առաքեալներուն դարձան։ 34 Բայց Շիղային յարմար երեւցաւ, որ հոն մնայ։ 35 Պօղոսն ու Բառնաբասն ալ Անտիոքի մէջ կը կենային եւ ուրիշ շատերու հետ Տէրոջը խօսքը կը սորվեցնէին ու կը քարոզէին։

ՊՕՂՈՍ ԿԸ ԶԱՏՈՒԻ ԲԱՌՆԱԲԱՍԷՆ

36 Քանի մը օր յետոյ Պօղոս ըսաւ Բառնաբասին. «Դառնանք ու այցելենք եղբայրներուն՝ բոլոր քաղաքները, ուր Տէրոջը խօսքը քարոզեցինք եւ տեսնենք թէ ի՞նչպէս են»։ 37 Բառնաբաս կ’ուզէր որ Յովհաննէսն ալ առնեն, որ Մարկոս կը կոչուէր. 38 Բայց Պօղոս արժան չսեպեց որ Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ զատուողը ու իրենց հետ գործի չեկողը իրենց հետ առնեն։ 39 Այսպէս անոնց մէջ գժտութիւն մը եղաւ, ստիպուած իրարմէ զատուեցան։ Բառնաբաս առաւ Մարկոսը ու նաւով Կիպրոս գնաց։ 40 Պօղոս ալ Շիղան ընտրեց ու ելաւ, եղբայրներէն Աստուծոյ շնորհքին յանձնուելով 41 Եւ Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ մէջ կը պտըտէր ու եկեղեցիները կը հաստատէր։

ՏԻՄՈԹԷՈՍ ՊՕՂՈՍԻՆ Կ’ԸՆԿԵՐԱՆԱՅ

16 1 Պօղոս հասաւ Դերբէ ու Լիւստրա։ Հոն աշակերտ մը կար Տիմոթէոս անունով, որ հաւատացեալ Հրեայ կնոջ մը զաւակն էր, իսկ հայրը Յոյն էր։ Ան Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր։ Պօղոս ուզեց որ ասիկա իրեն հետ ելլէ։ Առաւ թլփատեց զանիկա այն տեղերը եղած Հրեաներուն համար, վասն զի ամէնքն ալ գիտէին թէ անոր հայրը Յոյն էր։ Ապա կարգ մը քաղաքներէ անցնելով, Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն։ Եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար։

ՊՕՂՈՍԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ ՏՐՈՎԱԴԱՅԻ ՄԷՋ

Փռիւգիոյ ու Գաղատացիներու կողմերը պտըտեցան. հոն Սուրբ Հոգին արգիլեց որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին, Երբ Միւսիայի կողմերը երթալով կը ջանային դէպի Բիւթանիա երթալ, [Յիսուսի] Հոգին թող չտուաւ անոնց։ Ուստի Միւսիայի քովէն անցնելով Տրովադա գացին։ Հոն գիշերը Պօղոսին տեսիլք մը երեւցաւ. Մակեդոնացի մարդ մը կայներ կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. «Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի»։ 10 Երբ այն տեսիլքը տեսաւ, շուտ մը ուզեցինք Մակեդոնիա երթալ, հասկնալով որ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ անոնց աւետարան քարոզելու։

11 Ուստի նաւով Տրովադայէն ելանք ու շիտակ Սամոթրակէ գացինք ու հետեւեալ օրը՝ Նէապոլիս, 12 Անկէ ալ՝ Փիլիպպէ, որ է Մակեդոնիոյ մէկ մասին գլխաւոր քաղաքը՝ Կողովնիա։ Այն քաղաքին մէջ քանի մը օր կեցանք։ 13 Շաբաթ օրը քաղաքէն դուրս ելանք գետեզերքին քով՝ ուր սովորութիւն ունէին աղօթք ընելու, նստելով հաւաքուած կիներուն կը խօսէինք։ 14 Եւ Թիւատիր քաղաքէն ծիրանավաճառ կին մը Լիդիա անուն, որ աստուածավախ մէկն էր, մտիկ կ’ընէր. որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ։ 15 Հոն մկրտուեցան ինք եւ իր տունը, եւ աղաչեց ու ըսաւ. «Եթէ զիս Տէրոջը հաւատացեալ կը սեպէք, իմ տունս մտէք բնակեցէք»։ Եւ ստիպելով տարաւ մեզ։

ՓԻԼԻՊՊԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ

16 Օր մը՝ երբ մենք աղօթքի կ’երթայինք, աղախին մը պատահեցաւ մեզի, որ հարցուկ ոգի ունէր եւ գուշակութիւն ընելով՝ իր տէրերուն շատ վաստակ կը բերէր։ 17 Ասիկա Պօղոսին եւ մեր ետեւէն իյնալով՝ կը պոռար ու կ’ըսէր. «Այս մարդիկը Բարձրեալն Աստուծոյ ծառաներն են, որոնք մեզի փրկութեան ճամբան կը քարոզեն»։ 18 Այս բանը շատ օրեր կ’ընէր. իսկ Պօղոս վշտանալով՝ դարձաւ ու ըսաւ այն ոգիին. «Յիսուս Քրիստոսին անունով հրաման կ’ընեմ քեզի, Ելի՛ր ատկէ»։ Նոյն ժամուն ելաւ։ 19 Երբ տեսան անոր տէրերը, որ իրենց վաստակին յոյսը կտրեցաւ, Պօղոսը ու Շիղան բռնեցին ու հրապարակը քաշեցին իշխաններուն առջեւ։ 20 Ապա տարին զանոնք զօրագլուխներուն քով ու ըսին. «Այս մարդիկը մեր քաղաքը իրար կ’անցընեն. իրենք Հրեայ են 21 Եւ այնպիսի սովորութիւններ կը քարոզեն, որոնք արժան չէ մեզի ընդունիլ, ո՛չ ալ ընել, վասն զի Հռովմայեցի ենք»։ 22 Բազմութիւնը անոնց վրայ դիզուեցաւ. զօրագլուխներն ալ բռնութեամբ անոնց հանդերձները հանեցին եւ հրաման ըրին որ զանոնք ծեծեն։ 23 Անոնց շատ վէրքեր տալէ յետոյ բանտ դրին, պատուիրելով բանտապետին որ զգուշութեամբ պահէ զանոնք։ 24 Ան ալ այսպէս հրաման առնելով՝ զանոնք ներսի բանտը դրաւ ու ոտքերնին կոճղի մէջ ամրացուց։

25 Կէս գիշերին Պօղոս ու Շիղա աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին ու բանտարկեալներն ալ մտիկ կ’ընէին։ 26 Յանկարծ մեծ շարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սասանեցան, անմիջապէս բոլոր դռները բացուեցան, ամենուն կապերը արձակուեցան։ 27 Բանտապետը, երբ արթնցաւ ու բանտին դռները բացուած տեսաւ, թուրը քաշեց եւ ինքզինք պիտի սպաննէր, կարծելով թէ կապուածները փախեր են։ 28 Բայց Պօղոս բարձր ձայնով կանչեց ու ըսաւ. «Դուն քու անձիդ վնաս մը մի՛ ըներ, վասն զի ամէնքս ալ հոս ենք»։ 29 Անիկա ճրագ մը ուզեց ու ներս վազեց եւ դողալով Պօղոսին ու Շիղային առջեւ ինկաւ 30 Եւ զանոնք դուրս բերելով՝ ըսաւ. «Տէ՛րեր, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ փրկուիմ»։ 31 Անոնք ալ ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք դուն եւ քու տունդ»։ 32 Եւ Տէրոջը խօսքը խօսեցան անոր ու այն ամենուն որոնք անոր տանը մէջ էին։ 33 Բանտապետը առաւ զանոնք գիշերուան նոյն ժամուն ու անոնց վէրքերը լուաց եւ մկրտուեցան ինք ու բոլոր իրենները։ 34 Զանոնք իր տունը տանելով՝ անոնց առջեւ սեղան դրաւ եւ բոլոր տունով ուրախացան՝ Աստուծոյ հաւատալով։ 35 Առտուն զօրագլուխները սպասաւորներ ղրկեցին ու ըսին. «Արձակէ՛ այդ մարդիկը»։ 36 Բանտապետն ալ այն խօսքերը Պօղոսին պատմեց, թէ՝ ‘Զօրագլուխները ղրկեցին, որ արձակուիք. ուստի հիմա ելէք եւ խաղաղութեամբ գացէք’։ 37 Պօղոս ըսաւ անոնց. «Մեզ՝ որ չդատապարտուած Հռովմայեցի մարդիկ ենք՝ յայտնապէս ծեծելով բանտը դրին ու հիմա գաղտո՞ւկ կը հանեն։ Ո՛չ, հապա թող իրենք գան ու մեզ հանեն»։ 38 Սպասաւորները զօրագլուխներուն պատմեցին այդ խօսքերը։ Անոնք ալ, երբ լսեցին թէ Հռովմայեցի են՝ վախցան ու եկան քաղցրութեամբ խօսեցան անոնց հետ 39 Եւ դուրս հանելով՝ կ’աղաչէին որ այն քաղաքէն երթան։ 40 Անոնք ալ բանտէն ելլելով՝ Լիդիայի տունը մտան ու եղբայրները տեսնելով՝ մխիթարեցին զանոնք եւ գացին։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ

17 1 Անոնք Ամփիպոլիս եւ Ապողոնիա պտըտելով՝ Թեսաղոնիկէ գացին, ուր էր Հրեաներուն ժողովարանը։ Պօղոս ալ իր սովորութեանը պէս անոնց մէջ մտաւ եւ երեք շաբաթ օր խօսեցաւ անոնց հետ գրքերէն, Մեկնելով եւ անոնց առջեւ դնելով թէ՝ պէտք էր որ Քրիստոս չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր եւ թէ ‘Այն Յիսուսը որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ըսաւ, Քրիստոսն է’։ Անոնցմէ ոմանք հաւատացին ու Պօղոսին եւ Շիղային հետ միացան. աստուածավախ Յոյներէն ալ մեծ բազմութիւն ու երեւելի կիներէն ալ հաւատացողները քիչուոր չէին։ Բայց չհաւատացող Հրեաները նախանձեցան եւ քանի մը դատարկապորտ, անօրէն մարդիկ առնելով՝ աղմուկ հանեցին ու քաղաքը տակնուվրայ ըրին եւ Յասոնին տանը վրայ յարձակելով՝ կ’ուզէին զանոնք ժողովքին առջեւ տանիլ։ Երբ զանոնք չգտան, Յասոնը ու մէկ քանի եղբայրներ քաշելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ, կանչվռտելով թէ՝ «Անոնք որ աշխարհը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասեր են. Որոնք Յասոն ընդուներ է։ Ասոնք ամէնքը Կայսրին հրամաններուն դէմ կը գործեն, ըսելով թէ ուրիշ թագաւոր մը կայ՝ Յիսուս»։ Եւ խռովեցուցին ժողովուրդն ու քաղաքապետները, որոնք այս բաները կը լսէին։ Բայց երբ Յասոնէն եւ ուրիշներէ երաշխաւորութիւն առին, արձակեցին զանոնք։

ԲԵՐԻԱՅԻ ԵՒ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

10 Իսկ եղբայրները շուտ մը գիշերով Պօղոսը եւ Շիղան Բերիա ղրկեցին, որոնք հասնելով՝ Հրեաներու ժողովարանը գացին։ 11 Ասոնք Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են։ 12 Անոնցմէ շատեր հաւատացին եւ պատուաւոր Յոյն կիներէն ու այրերէն հաւատացողներն ալ քիչուոր չէին։ 13 Բայց երբ իմացան Թեսաղոնիկեցի Հրեաները թէ Բերիայի մէջ ալ Աստուծոյ խօսքը քարոզուեցաւ Պօղոսէն, հոն ալ եկան ու ժողովուրդը գրգռեցին։ 14 Այն ատեն եղբայրները շուտ մը Պօղոսը ղրկեցին՝ որ մինչեւ ծովեզերքը երթայ, բայց Շիղա եւ Տիմոթէոս հոն մնացին։ 15 Անոնք որ Պօղոսը կը տանէին, մինչեւ Աթէնք տարին զանիկա եւ իրմէ հրաման առնելով՝ Շիղային ու Տիմոթէոսին համար, որ շուտով իրեն գան, վերադարձան։

16 Պօղոս Աթէնքի մէջ անոնց սպասելով՝ իր հոգին անհանգիստ էր ներսիդին, վասն զի քաղաքը բոլորովին կռապաշտութեան մէջ ընկղմած կը տեսնէր։ 17 Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց եւ ամէն օր հրապարակներուն մէջ՝ որոնց որ պատահէր։ 18 Ու Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներէն մէկ քանիներ իրեն հետ հակաճառութիւն կ’ընէին։ Ոմանք կ’ըսէին. «Այս սերմանաքաղը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»։ Ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Կ’երեւի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». վասն զի Յիսուսը ու յարութիւնը կ’աւետարանէր անոնց։ 19 Առին զանիկա Արիսպագոս տարին ու կ’ըսէին. «Կրնա՞նք իմանալ թէ ի՞նչ է այդ նոր վարդապետութիւնը, որ դուն կը քարոզես. 20 Քանզի մեր ականջներուն օտար բաներ կը բերես, ուրեմն կ’ուզենք իմանալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք»։ 21 Վասն զի Աթենացիները ամէնքն ալ ու հոն կեցող օտարականները ուրիշ բանի չէին պարապեր, բայց միայն նոր բան խօսելու կամ լսելու։

22 Այն ատեն Պօղոս Արիսպագոսի մէջ կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Աթենացի մարդիկ, ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ։ 23 Քանզի ես պտըտելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ սեղան մը գտայ, որուն վրայ գրուած էր, ԱՆԾԱՆՕԹ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ. ուստի զանիկա որ դուք չճանչնալով կը պաշտէք, ես նոյնը ձեզի կը քարոզեմ։ 24 Աստուած, որ աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները, անիկա երկնքի ու երկրի Տէրն ըլլալով՝ ո՛չ ձեռագործ տաճարներու մէջ կը բնակի, 25 Ո՛չ ալ մարդոց ձեռքով կը պաշտուի՝ բանի մը կարօտի պէս. քանզի ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան։ 26 Բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ, որպէս զի բոլոր երկրի երեսին վրայ բնակին եւ որոշուած ժամանակներ հաստատեց ու անոնց բնակութեան սահմանները՝ Աստուած փնտռելու. 27 Որպէս զի խարխափելով զինք գտնեն. թէպէտեւ մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ. 28 Վասն զի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն մէկ քանիներն ալ ըսին. ‘Քանզի մենք անոր ցեղէն ալ ենք’։ 29 Ուստի՝ Աստուծոյ ցեղէն ըլլալով՝ պէտք չէ որ այնպէս սեպենք թէ Աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, որ մարդու վարպետութիւնով ու խելքով քանդակուած է։ 30 Արդ՝ Աստուած տգիտութեան ատենները անտես ընելով՝ հիմա ամէն տեղ կը պատուիրէ բոլոր մարդոց, որ ապաշխարեն։ 31 Վասն զի ինք օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։

32 Երբ մեռելներուն յարութիւնը լսեցին, ոմանք ծաղր կ’ընէին, ոմանք ալ կ’ըսէին. «Այդ բանին համար ուրիշ անգամ մտիկ պիտի ընենք քեզի»։ 33 Ապա Պօղոս անոնց մէջէն հեռացաւ։ 34 Սակայն քանի մը մարդիկ իրեն յարելով հաւատացին, որոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացի եւ Դամարիս անունով կին մը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ։

ԿՈՐՆԹՈՍԻ ՄԷՋ

18 1 Ասկէ յետոյ Պօղոս Աթէնքէն զատուելով՝ Կորնթոս գնաց, Ուր Հրեայ մը գտաւ Ակիւղաս անունով, ծնունդով Պոնտացի, որ իր Պրիսկիղա կնոջ հետ նոր եկեր էր Իտալիայէն, քանի որ Կղօդիոս հրամայած էր, որ բոլոր Հրեաները Հռովմէն հեռանան, ու անոնց քով գնաց։ Որովհետեւ ինք արհեստակից էր, անոնց քով կեցաւ եւ կը գործէր, վասն զի արհեստով վրանագործ էին։ Ամէն շաբաթ օր ժողովարանին մէջ կը խօսէր եւ Հրեաներն ու Յոյները կը համոզէր։ Երբ Շիղան եւ Տիմոթէոսը Մակեդոնիայէն եկան, Պօղոսին հոգին եռանդով վառուած ըլլալով, վկայութիւնով Հրեաները կը համոզէր թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։ Անոնք ալ երբ դէմ կեցան ու կը հայհոյէին, ինք հանդերձները թօթուելով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր արիւնը՝ ձեր գլուխը, ես անպարտ եմ։ Ասկէ յետոյ հեթանոսներուն պիտի երթամ»։ Անկէ երթալով՝ մտաւ մէկուն տունը, որուն անունը Յուստոս էր, աստուածավախ մարդ մը, որուն տունը, ժողովարանին կից էր։ Ժողովրդապետը՝ Կրիսպոս՝ իր բոլոր տունովը հաւատաց Տէրոջը։ Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան։ Գիշերը տեսիլքի մէջ Տէրը ըսաւ Պօղոսին. «Մի՛ վախնար, հապա խօսէ՛ եւ լուռ մի՛ կենար, 10 Վասն զի ես քեզի հետ եմ եւ մէ՛կը քեզի դէմ պիտի չելլէ՝ քեզի վնաս մը հասցնելու համար. քանզի այս քաղաքին մէջ ես շատ ժողովուրդ ունիմ»։ 11 Հոն տարի մը ու վեց ամիս կեցաւ ու Աստուծոյ խօսքը անոնց կը սորվեցնէր։

12 Աքայիայի փոխանորդ բդեշխին՝ Գաղիոնին՝ օրերը Հրեաները միաբանելով՝ Պօղոսին դէմ ելան եւ զանիկա ատեանը տարին, 13 Ըսելով. «Ասիկա կը հրապուրէ մարդիկ օրէնքէն դուրս Աստուած պաշտելու»։ 14 Երբ Պօղոս իր բերանը բանալու պատրաստ էր, Գաղիոն ըսաւ Հրեաներուն. «Եթէ անիրաւութեան մը կամ չար գործի մը համար ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, կ’արժէր որ ձեզի մտիկ ընէի։ 15 Բայց եթէ վէճը խօսքի ու անուններու եւ ձեր օրէնքին վրայով է՝ դուք ձեզմէ տեսէք դատը. վասն զի ես այդպիսի բաներու դատաւոր ըլլալ չեմ ուզեր»։ 16 Զանոնք ատեանէն վռնտեց։ 17 Այն ատեն բոլոր Յոյները Սոսթենէս ժողովրդապետը բռնեցին ու ատեանին առջեւ ծեծեցին։ Այս բաներուն համար Գաղիոն բնաւ հոգ չէր ըներ։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱՆՏԻՈՔ

18 Պօղոս տակաւին շատ օրեր հոն մնալէ ետքը, եղբայրներէն բաժնուելով՝ նաւով դէպի Սուրիա գնաց Պրիսկիղային եւ Ակիւղասին հետ, առաջ Կենքրայի մէջ իր մազերը կտրելով, վասն զի ուխտաւոր էր։ 19 Երբ Եփեսոս հասաւ, զանոնք հոն ձգեց եւ ինք ժողովարանը մտնելով՝ Հրեաներուն հետ կը խօսէր։ 20 Անոնք իրեն կ’աղաչէին որ աւելի երկար ժամանակ իրենց քով մնայ, բայց յանձնառու չեղաւ. 21 Հապա հեռացաւ անոնցմէ՝ ըսելով. «Պէտք է անպատճառ այս յառաջիկայ տօնը Երուսաղէմի մէջ ընեմ, բայց Աստուծոյ կամքովը նորէն ձեզի պիտի դառնամ»։ Եփեսոսէն նաւով ճամբայ ելաւ 22 Եւ Կեսարիա հասնելով՝ Երուսաղէմ գնաց ու եկեղեցիին բարեւ տուաւ ու ետքը գնաց Անտիոք։ 23 Ատեն մը հոն կենալէ յետոյ կարգաւ Գաղատացիներու երկիրը ու Փռիւգիա կը պտըտէր ու բոլոր աշակերտները կը հաստատէր։

ՊՕՂՈՍ ԵՓԵՍՈՍԻ ՈՒ ԿՈՐՆԹՈՍԻ ՄԷՋ

24 Ապօղոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով Աղեքսանդրացի, ճարտասան մարդ մը, եկաւ հասաւ Եփեսոս։ 25 Ան զօրաւոր էր սուրբ գրքերով եւ Տէրոջը ճամբուն մէջ վարժուած էր։ Ջերմեռանդ հոգի ունենալով՝ կը խօսէր ու կը սորվեցնէր ճշդութեամբ Տէրոջը վրայով. բայց ինք միայն Յովհաննէսին մկրտութիւնը գիտէր։ 26 Ասիկա սկսաւ ժողովարանին մէջ համարձակ խօսիլ։ Երբ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա լսեցին, զանիկա ալ իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին։ 27 Անիկա ուզեց Աքայիա երթալ։ Եղբայրները քաջալերեցին զանիկա ու գիր գրեցին այն տեղի աշակերտներուն, որ զանիկա ընդունին։ Հոն հասնելով՝ շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն՝ Աստուծոյ շնորհքով։ 28 Քանզի հրապարակաւ սաստիկ կը յանդիմանէր Հրեաները, սուրբ գրքերէն ցուցնելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։

ՊՕՂՈՍ ԵՓԵՍՈՍԻ ՄԷՋ

19 1 Քանի որ Ապօղոս Կորնթոսի մէջ էր, Պօղոս վերի կողմերը պտըտելով Եփեսոս հասաւ եւ քանի մը աշակերտներ գտնելով՝ Ըսաւ անոնց. «Երբ հաւատացիք, Սուրբ Հոգին առի՞ք արդեօք»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Բայց մենք լսած ալ չենք թէ Սուրբ Հոգի կայ»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք»։ Անոնք ալ ըսին. «Յովհաննէսին մկրտութիւնովը»։ Պօղոս ալ ըսաւ. «Յովհաննէս ապաշխարութեան մկրտութիւնով մկրտեց ու ժողովուրդին ալ ըսաւ, որ հաւատան անոր, որ իրմէ յետոյ պիտի գայ, այսինքն՝ Քրիստոս Յիսուսին»։ Երբ ասիկա լսեցին, Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուեցան։ Պօղոս, երբ անոնց վրայ ձեռք դրաւ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ եկաւ եւ լեզուներ կը խօսէին ու կը մարգարէանային։ Անոնք բոլորը տասներկու հոգի էին։ Ապա ժողովարանը մտնելով՝ երեք ամիս համարձակութեամբ Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով կը խօսէր ու կը համոզէր։ Երբ մէկ քանիները կը յամառէին ու դէմ կը դնէին՝ բազմութեան առջեւ կը վարկաբեկէին այն ճամբան, ինք անոնցմէ հեռացաւ եւ աշակերտներ զատեց ու ամէն օր Տիւրան անուն մէկուն դպրատանը մէջ կը խօսէր։ 10 Ասիկա երկու տարի տեւեց, մինչեւ որ բոլոր Ասիայի մէջ բնակող Հրեաները ու Յոյները Տէրոջը խօսքը լսեցին։

ՍԿԵՒԱՅԻՆ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

11 Եւ Աստուած նշանաւոր հրաշքներ կ’ընէր Պօղոսին ձեռքով. 12 Այնպէս որ անոր մարմնէն թաշկինակներ ու գոգնոցներ կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին ու չար ոգիները կ’ելլէին։ 13 Բայց աստանդական Հրեաներէն մէկ քանիները, որոնք երդմնեցուցիչ էին, յանդգնեցան Տէր Յիսուսին անունը կանչել անոնց վրայ, որոնք չար ոգիներ ունէին եւ կ’ըսէին. «Ձեզ կ’երդմնցնենք այն Յիսուսով, որ Պօղոս կը քարոզէ»։ 14 Այս բանը ընողները Սկեւա ըսուած Հրեայ քահանայապետի մը եօթը որդիներն էին։ 15 Չար ոգի մը պատասխանեց անոնց. «Յիսուսը կը ճանչնամ ու Պօղոսը գիտեմ, բայց դուք ո՞վ էք»։ 16 Այն մարդը, որուն ներսիդին էր չար ոգին, անոնց վրայ ցատկելով՝ բռնեց զանոնք ու տապալեց, այնպէս որ տունէն մերկ ու վիրաւորուած դուրս փախան։ 17 Այս բանը Եփեսոսի մէջ բնակող բոլոր Հրեաներուն ու Յոյներուն յայտնի եղաւ եւ ամենուն վրայ վախ մը ինկաւ ու Տէր Յիսուսին անունը կը մեծարուէր։ 18 Հաւատացեալներէն շատեր կու գային ու կը խոստովանէին ու կը պատմէին իրենց ըրածները։ 19 Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին։ Անոնց գինը հաշուեցին, յիսուն հազար արծաթ դահեկան գտան։ 20 Այսպէս Տէրոջը խօսքը մեծապէս կ’աճէր եւ կը զօրանար։

ԵՓԵՍՈՍԻ ՄԷՋ ԽՌՈՎՈՒԹԻՒՆ

21 Երբ այս բաները լմնցան, Պօղոս միտքը դրաւ որ Մակեդոնիայէն ու Աքայիայէն պտըտելով՝ Երուսաղէմ երթայ ու կ’ըսէր. «Հոն երթալէս ետքը պէտք է որ Հռովմ ալ տեսնեմ»։ 22 Իրեն սպասաւորութիւն ընողներէն երկուքը, Տիմոթէոսն ու Երաստոսը ղրկեց Մակեդոնիա ու ինք ատեն մըն ալ Ասիա կեցաւ։

23 Այն ատենները շատ խռովութիւն եղաւ Տէրոջը ճամբուն համար։ 24 Քանզի Դեմետրիոս անունով արծաթագործ մը Արտեմիսի փոքրիկ տաճարներ կը շինէր արծաթէ, որը քիչ շահ չէր բերեր վարպետներուն։ 25 Ինք մէկտեղ ժողվեց նոյն արհեստին բանուորները ու ըսաւ. «Մա՛րդիկ, դուք գիտէք թէ այս գործէն է մեր շահը 26 Եւ կը տեսնէք ու կը լսէք թէ այս Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսացիները հապա գրեթէ բոլոր Ասիացիները համոզելով՝ մտքերնին դարձուց, ըսելով թէ՝ ‘Ձեռքով շինուածները աստուածներ չեն’։ 27 Ուստի վտանգ կայ որ՝ ո՛չ միայն այս մեր կողմը պիտի նախատուի, հապա մեծ աստուածուհիին՝ Արտեմիսին՝ տաճարն ալ ոչինչ պիտի սեպուի եւ անոր մեծափառութիւնը պիտի խափանուի, որ բոլոր Ասիա ու աշխարհ կը պաշտեն»։ 28 Երբ ասիկա լսեցին, բարկութեամբ լեցուած կը կանչվռտէին ու կ’ըսէին. «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»։ 29 Եւ բոլոր քաղաքը խռովութեամբ լեցուեցաւ եւ յափշտակելով Գայիոս ու Արիստարքոս Մակեդոնացիները՝ Պօղոսին ճանապարհորդակիցները՝ ամէնքը մէկէն թատրոնը վազեցին։ 30 Իսկ Պօղոս, երբ ուզեց ժողովուրդին մէջ մտնել, աշակերտները թող չտուին։ 31 Ասիապետներէն ոմանք ալ, որոնք իր բարեկամներն էին, մարդ ղրկելով իրեն՝ կ’աղաչէին որ չփորձէ թատրոնը երթալ։ 32 Ուստի մէկը՝ մէկ կերպ ու միւսը՝ ուրիշ կերպ բան կը կանչվռտէին, վասն զի ժողովուրդը շփոթութեան մէջ էր եւ շատեր չէին գիտեր թէ ի՞նչ բանի համար հաւաքուած են։ 33 Բազմութեանը մէջէն յառաջ բերին Աղեքսանդրոսը, որ Հրեաները յառաջ քշեցին. Աղեքսանդրոս ալ ձեռքը շարժելով՝ կ’ուզէր որ ժողովուրդին պատասխան տայ։ 34 Երբ գիտցան թէ անիկա Հրեայ է, ամէնքը մէկ բերան եղած՝ երկու ժամու չափ կը կանչվռտէին թէ՝ «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»։ 35 Սակայն ատենադպիրը բազմութիւնը հանդարտեցնելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Եփեսացի մարդիկ, ո՞վ չի գիտեր թէ Եփեսացիներու քաղաքը մեծ Արտեմիսի ու Դիոսէ ինկած կուռքին տաճարն է։ 36 Ուրեմն քանի որ անվիճելի բան մըն է, պէտք է հանդարտ կենաք եւ յանդգնութեամբ բան մը չընէք։ 37 Դուք այդ մարդիկը հոս բերիք, որոնք ո՛չ տաճար կողոպտողներ են, ո՛չ ալ ձեր աստուածուհիին հայհոյանք ըրեր են։ 38 Ուստի եթէ Դեմետրիոս եւ իրեն հետ եղած վարպետները մէկուն հետ բան մը ունին, դատի օրեր կան ու փոխանորդ բդեշխը կայ. թող անոր առջեւ ամբաստանութիւն ընեն. 39 Իսկ եթէ ուրիշ բաներու համար է ձեր պահանջը, օրինաւոր ժողովի մէջ թող որոշուի։ 40 Վասն զի մենք ալ այսօրուան եղածին համար իբրեւ խռովայոյզ մարդիկ ամբաստանուելու վտանգին մէջ ենք, քանզի միջոց մը չկայ, որով կարող ըլլանք այս խառնամբոխ բազմութեանը համար պատասխան տալ»։ 41 19։40 Եւ այսպէս ըսելով ժողովը արձակեց։

ԴԷՊԻ ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

20 1 Աղմուկը դադարելէ յետոյ Պօղոս աշակերտները իրեն կանչեց ու հրաժարական ողջոյն տալով՝ ելաւ որ Մակեդոնիա երթայ։ Եւ այն կողմերը պտըտելէ ու շատ խօսքերով զանոնք յորդորելէ ետքը Ելլադա գնաց։ Հոն երեք ամիս կենալէ ետքը, Հրեաները իրեն դէմ նենգութեան խորհուրդ ըրին, երբ կ’ուզէր Սուրիա երթալ. անոր համար որոշեց Մակեդոնիայի վրայէն դառնալ։ Մինչեւ Ասիա իրեն հետ կ’երթային Բերիացի [Պիռոսի որդին] Սոպատրոսը եւ Թեսաղոնիկեցիներէն Արիստարքոսն ու Սեկունդոսը եւ Գայիոս Դերբացին ու Տիմոթէոսը եւ Ասիացի՝ Տիւքիկոսն ու Տրոփիմոսը։ Ասոնք առաջ գացին ու Տրովադայի մէջ մեզի կը սպասէին։ Մենք ալ Բաղարջակերացի օրերէն յետոյ Փիլիպպէէն նաւեցինք եւ հինգ օրուան մէջ Տրովադա հասանք անոնց քով ու հոն եօթը օր կեցանք։

Մէկշաբթի օրը երբ հաւաքուեր էինք հաց կտրելու, Պօղոս անոնց կը քարոզէր, վասն զի հետեւեալ օրը ճամբայ պիտի ելլէր եւ խօսքը երկնցուց մինչեւ կէս գիշեր։ Շատ լապտերներ կային այն վերի սենեակը՝ ուր մենք հաւաքուած էինք։ Երիտասարդ մը, Եւտիքոս անուն, պատուհանին վրայ նստած՝ խորունկ քունի մէջ մտեր էր։ Երբ Պօղոս խօսքը երկնցուց, անիկա խորունկ քնով բռնուած՝ երրորդ դստիկոնէն վար ինկաւ ու զանիկա մեռած վերցուցին։ 10 Պօղոս վար իջնելով՝ անոր վրայ ինկաւ ու գրկեց զանիկա ու ըսաւ. «Մի՛ խռովիք, վասն զի ասոր հոգին իր մէջն է»։ 11 Եւ վեր ելլելով՝ հացը կտրեց ու կերաւ։ Երկար խօսեցաւ մինչեւ առտու, ետքը ելաւ գնաց։ 12 Այն պատանին ողջ բերին ու մեծապէս մխիթարուեցան։

ՏՐՈՎԱԴԱՅԷՆ ՄԵԼԻՏՈՍ

13 Իսկ մենք նաւը մտնելով՝ ճամբայ ելանք դէպի Ասոն, ուրկէ Պօղոսը պիտի առնէինք, վասն զի այնպէս ապսպրեր էր, որովհետեւ ինք ցամաքով պիտի երթար։ 14 Երբ Ասոնի մէջ մեզի հանդիպեցաւ, առինք զանիկա եւ Միտիլինէ գացինք։ 15 Անկէ ալ նաւով հետեւեալ օրը Քիոսի դէմը հասանք։ Միւս օրը Սամոս հասանք ու գիշերը Տրոգիլիոն կենալով՝ միւս օրը Մելիտոս գացինք, 16 Վասն զի Պօղոս միտքը դրեր էր որ նաւով անցնի Եփեսոսի քովէն, որ չըլլայ թէ Ասիայի մէջ ժամանակ անցընէ, որովհետեւ կ’արտորար որ եթէ կարելի է, Պէնտէկոստէին Երուսաղէմ ըլլայ։

ՊՕՂՈՍԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԽՕՍՔԸ ԵՓԵՍՈՍԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ

17 Մելիտոսէն մարդ ղրկեց Եփեսոս ու եկեղեցիին երէցները կանչեց։ 18 Երբ եկան, ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ՝ առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ, ի՛նչպէս ձեզի հետ վարուեցայ բոլոր ժամանակը։ 19 Ամենայն խոնարհութեամբ Տէրոջը ծառայելով եւ շատ արցունքով ու փորձութիւններով որ Հրեաներու նենգութիւնով ինծի պատահեցան. 20 Ի՛նչպէս վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ. 21 Վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար։ 22 Եւ հիմա՝ ահա՛ ես հոգիով կապուած՝ Երուսաղէմ կ’երթամ եւ հոն ինծի ի՞նչ պիտի պատահի՝ չեմ գիտեր. 23 Միայն թէ Սուրբ Հոգին ամէն քաղաքի մէջ ինծի կը վկայէ թէ՝ կապեր ու նեղութիւններ ինծի կը սպասեն։ 24 Բայց ես բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու։ 25 Եւ հիմա ահա ես գիտեմ որ ա՛լ իմ երեսս պիտի չտեսնէք դուք ամէնքդ, որոնց մէջ պտըտեցայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելով։ 26 Ուստի այսօր կ’իմացնեմ ձեզի, թէ ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն։ 27 Վասն զի ետ չկեցայ Աստուծոյ բոլոր կամքը ձեզի յայտնելէ։ 28 Ուրեմն զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ։ 29 Քանզի գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ 30 Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար։ 31 Ուստի արթո՛ւն կեցէք եւ մտքերնիդ բերէք՝ թէ երեք տարի գիշեր ու ցորեկ չդադարեցայ ամէն մէկը արցունքով խրատելէ։ 32 Եւ հիմա, եղբա՛յրներ, կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ ու անոր շնորհքներու խօսքին, որ կարող է շինելու եւ բոլոր սրբուածներուն հետ ձեզի ժառանգութիւն տալու։ 33 Մէկո՛ւն արծաթին կամ ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի։ 34 Դուք ձեզմէ գիտէք թէ ինծի եւ ինծի հետ եղողներուն պէտքերը այս ձեռքերս հոգացին։ 35 Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’»։ 36 Երբ ասիկա ըսաւ, անոնց ամենուն հետ ծունկի վրայ գալով՝ աղօթք ըրաւ։ 37 Ամէնքն ալ սաստիկ կու լային ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին։ 38 Սրտերնին կը ցաւէր մանաւանդ այն խօսքին համար՝ որ կ’ըսէր թէ՝ ա՛լ պիտի չտեսնեն իր երեսը եւ զանիկա ճամբու դրին, մինչեւ նաւը երթալով։

ՊՕՂՈՍ Կ’ԵՐԹԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

21 1 Երբ ելանք ու անոնցմէ զատուեցանք, շիտակ նաւելով Կով հասանք ու միւս օրը՝ Հռոդոն ու անկէ՝ Պատարա։ Եւ նաւ մը գտանք, որ Փիւնիկէ կ’երթար։ Անոր մէջ մտնելով՝ ճամբայ ելանք։ Եւ երբ Կիպրոս երեւցաւ, զանիկա ձախ կողմերնիս թողելով՝ դէպի Սուրիա նաւեցինք եւ Տիւրոս հասանք, վասն զի նաւը հոն պիտի թափէր իր բեռը։ Եւ աշակերտներ գտնելով՝ եօթը օր հոն կեցանք, որոնք Սուրբ Հոգիով կ’ըսէին Պօղոսին որ Երուսաղէմ չելլէ։ Երբ այն օրերը անցուցինք, ելանք ու կ’երթայինք. ամէնքն ալ, կիներով ու տղաքներով, մինչեւ քաղաքէն դուրս մեզ ճամբեցուցին։ Ծովուն եզերքը ծունկի գալով աղօթք ըրինք Ու իրարու հրաժարական ողջոյն տալով՝ մենք նաւը ելանք, անոնք ալ տեղերնին դարձան։ Իսկ մենք Տիւրոսէ զատուելով եւ ծովու ճամբորդութիւնը լմնցնելով՝ Պտողէմայիս հասանք ու եղբայրները բարեւելով՝ օր մը անոնց քով կեցանք։ Հետեւեալ օրը անկէ ելանք ու Կեսարիա գացինք եւ Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը մտնելով, որ եօթնէն մէկն էր, անոր քով կեցանք։ Անիկա չորս կոյս աղջիկ ունէր, որոնք մարգարէութիւն կ’ընէին։ 10 Հոն բաւական կեցանք։ Այդ ատենները Հրէաստանէն մարգարէ մը հասաւ՝ Ագաբոս անունով։ 11 Երբ մեզի եկաւ, Պօղոսին գօտին առնելով իր ձեռքերն ու ոտքերը կապեց եւ ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին. ‘Այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, այսպէս պիտի կապեն Հրեաները Երուսաղէմի մէջ ու հեթանոսներուն պիտի մատնեն’»։ 12 Երբ ասիկա լսեցինք, աղաչեցինք մենք ալ, տեղացիներն ալ, որ Երուսաղէմ չելլէ։ 13 Իսկ Պօղոս պատասխան տուաւ. «Ի՞նչ կ’ընէք, ինչո՞ւ կու լաք ու իմ սիրտս կը ճմլէք. քանզի ես ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու ալ պատրաստ եմ Տէր Յիսուսի անուանը համար»։ 14 Երբ ինք մտիկ չըրաւ, լուռ կեցանք ու ըսինք. «Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»։

15 Քանի մը օր յետոյ պատրաստուելով Երուսաղէմ ելանք։ 16 Կեսարացի աշակերտներէն ալ մի քանիներ մեզի հետ էին եւ մեզ տարին նախկին աշակերտի մը՝ Կիպրացի Մնասոնին, որուն քով պիտի կենայինք։

ՊՕՂՈՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՅԱԿՈԲՈՍԻՆ

17 Երբ Երուսաղէմ մտանք, եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ։ 18 Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ Յակոբոսին քով գնաց ու բոլոր երէցներն ալ եկան։ 19 Եւ զանոնք բարեւելով մէկիկ մէկիկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած հեթանոսներուն ըրաւ իր ծառայութիւնովը։ 20 Անոնք ալ լսելով՝ փառք տուին Տէրոջը եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս ե՛ղբայր, քանի՛ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան, որոնք ամէնքն ալ օրէնքին նախանձաւոր են։ 21 Բայց քու վրայովդ իմացան թէ դուն բոլոր հեթանոսներուն մէջ եղած Հրեաներուն Մովսէսին ապստամբիլ կը սորվեցնես, ըսելով որ տղաքնին չթլփատեն եւ սովորութիւններուն համեմատ չվարուին։ 22 Արդ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ. անշուշտ բազմութիւն մը պիտի հաւաքուի, վասն զի պիտի լսեն թէ եկեր ես։ 23 Ուստի ըրէ ինչ որ քեզի կ’ըսենք։ Մեր քով չորս մարդ կայ, որոնք ուխտ ըրած են. 24 Զանոնք ա՛ռ, իրենց հետ մաքրուէ եւ անոնց համար ծախք ըրէ, որ իրենց գլուխը ածիլեն, որպէս զի ամէնքն ալ գիտնան թէ քու վրայովդ իմացած բաներնին սխալ է, այլ դուն ալ մեզի հետ օրէնքը կը պահես։ 25 Բայց հաւատքը ընդունող հեթանոսներուն համար մենք թուղթով իմացուցինք մեր որոշումը, որ անոնք բնաւ այսպիսի բաներ չպահեն. միայն թէ զգուշանան կուռքերու զոհուածէ ու արիւնէ եւ խեղդուածէ ու պոռնկութենէ»։ 26 Այն ատեն Պօղոս այն մարդիկը առաւ ու հետեւեալ օրը անոնց հետ մաքրուած՝ տաճարը մտաւ, մաքրութեան օրերուն լմննալը ցուցնելու համար, մինչեւ որ իւրաքանչիւրին համար պատարագ մատուցուեցաւ։

ՊՕՂՈՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ

27 Եօթը օրերը լմննալու վրայ էին, երբ Ասիացի Հրեաները զանիկա տաճարին մէջ տեսնելով՝ բոլոր բազմութիւնը գրգռեցին եւ զայն բռնելով՝ կը կանչվռտէին. 28 «Իսրայելացի՛ մարդիկ, օգնութեան հասէք։ Աս այն մա՛րդն է՝ որ ամէն տեղ ժողովուրդին եւ օրէնքին ու այս տեղին դէմ բան կը սորվեցնէ ամենուն. նոյնիսկ տաճարին մէջ Յոյներ ալ մտցուց եւ այս սուրբ տեղը պղծեց». 29 Վասն զի նախապէս Եփեսացի Տրոփիմոսը իրեն հետ քաղաքին մէջ տեսեր էին եւ կը կարծէին թէ Պօղոս զանիկա տաճարը մտցուց. 30 Ու բոլոր քաղաքը շարժեցաւ եւ ժողովուրդը դիզուեցաւ ու բռնեցին Պօղոսը տաճարէն դուրս քաշեցին եւ շուտ մը դռները գոցուեցան։ 31 Ու երբ անոնք կ’ուզէին զանիկա սպաննել, լուր հասաւ գունդին հազարապետին թէ բոլոր Երուսաղէմը իրար անցեր է։ 32 Ան ալ անմիջապէս զինուորներ եւ հարիւրապետներ առած՝ անոնց վրայ վազեց։ Անոնք ալ հազարապետը եւ զինուորները տեսնելով՝ Պօղոսը ծեծելէ դադարեցան։ 33 Այն ատեն հազարապետը մօտենալով բռնեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ կրկին շղթայով կապեն ու կը հարցնէր թէ՝ անիկա ո՞վ է ու ի՞նչ ըրեր է։ 34 Բազմութեանը մէջէն մէկը՝ մէկ կերպ ու միւսը ուրիշ կերպ բան կը կանչվռտէին։ Երբ չկրցաւ այն շփոթութենէն ստոյգը գիտնալ, հրաման ըրաւ որ զանիկա բերդը տանին։ 35 Ու երբ սանդուխը հասաւ, այնպէս պատահեցաւ որ զինուորները վեր վերցնեն զանիկա, ժողովուրդին բռնութեանը համար. 36 Վասն զի ժողովուրդին բազմութիւնը ետեւէն կ’երթար ու կ’ըսէին. «Վերցո՛ւր ատիկա»։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

37 Երբ Պօղոս բերդը մտնելու վրայ էր, հազարապետին ըսաւ. «Արդեօք կարելի՞ է որ քեզի բան մը խօսիմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յունարէն գիտե՞ս. 38 Չէ՞ որ դուն այն Եգիպտացին ես, որ քիչ ժամանակ առաջ չորս հազար սրիկայ մարդիկ ապստամբեցուցիր, անապատը հանեցիր»։ 39 Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնէն, ո՛չ թէ աննշան քաղաքացի մը ու կ’աղաչեմ քեզի ինծի հրաման տուր որ ժողովուրդին խօսիմ»։

40 Երբ անիկա հրաման տուաւ, Պօղոս սանդուխին վրայ կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ժողովուրդին ու երբ լման լռութիւն եղաւ Եբրայեցերէն լեզուով խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.

22 1 «Մարդի՛կ եղբայրներ եւ հա՛յրեր, ինծի մտի՛կ ըրէք որ հիմա ձեզի պատասխան տամ»։ Երբ լսեցին որ Եբրայական լեզուով կը խօսէր իրենց, ա՛լ աւելի լուռ կեցան Եւ անիկա ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնի մէջ ծնած եւ այս քաղաքին մէջ Գամաղիէլի ոտքը մեծցած ու մեր հայրենի օրէնքին ճշդութեանը մէջ կրթուած, նախանձաւոր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք ամէնքդ էք։ Որ այրեր ու կիներ կապելով ու բանտերու մատնելով այս ճամբան հալածեցի մինչեւ մահ։ Քահանայապետն ալ կը վկայէ ինծի համար եւ բոլոր ծերակոյտը, որոնցմէ թուղթեր ալ առնելով Դամասկոս կ’երթայի, որպէս զի հոն եղածներն ալ կապուած Երուսաղէմ բերեմ որ պատժուին»։

ՊՕՂՈՍ ԻՐ ԴԱՐՁԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ

(Գործ. 9։1-19, 26։12-18)

«Բայց երբ կ’երթայի ու Դամասկոսի մօտեցայ, կէսօրուան դէմ յանկարծակի երկնքէն մեծ լոյս մը փայլատակեց իմ բոլորտիքս Եւ գետինը ինկայ ու ձայն մը լսեցի, որ ինծի կ’ըսէր. ‘Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես’։ Ես ալ պատասխան տուի թէ՝ ‘Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր’։ Ան ալ ինծի ըսաւ. ‘Ես Յիսուս Նազովրեցին եմ որ դուն կը հալածես’։ Անոնք որ ինծի հետ էին, լոյսը տեսան ու վախով լեցուեցան, սակայն ինծի խօսողին ձայնը չլսեցին։ 10 Ես ըսի. ‘Ի՞նչ ընեմ, Տէր’։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր, գնա՛ Դամասկոս ու հոն քեզի պիտի խօսուի այն ամէն բաներուն վրայ, որ սահմանուած է որ ընես’։ 11 Քանի որ չէի տեսներ այն լոյսին փառաւորութենէն, ինծի հետ եղողները ձեռքէս բռնած՝ Դամասկոս տարին։ 12 Անանիա անուն մարդ մը, օրէնքին համեմատ աստուածավախ ու Դամասկոս բնակող Հրեաներէն բարի վկայուած, 13 Ինծի եկաւ ու քովս կայնելով՝ ըսաւ. ‘Սաւո՛ւղ եղբայր, վե՛ր նայէ’։ 14 Ես ալ նոյն ժամուն վեր նայեցայ իրեն եւ անիկա ըսաւ. ‘Մեր հայրերուն Աստուածը առաջուընէ քեզ ընտրեց, որպէս զի իր կամքը ճանչնաս ու այն Արդարը տեսնես եւ անոր բերնէն ձայն լսես։ 15 Քանզի բոլոր մարդոց առջեւ անոր վկայ պիտի ըլլաս այն բաներուն համար, որոնք տեսար ու լսեցիր։ 16 Հիմա, ա՛լ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛ ու մեղքերդ լուա՛ անոր անունը կանչելով’»։

ՊՕՂՈՍ ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐՈՒՆ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻ

17 «Երբ Երուսաղէմ դարձայ ու տաճարին մէջ աղօթք կ’ընէի, մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ վրաս. 18 Եւ զինք տեսայ, որ ինծի կ’ըսէր. ‘Արտորցի՛ր, շուտով Երուսաղէմէն ելի՛ր, վասն զի քու ինծի համար ըրած վկայութիւնդ պիտի չընդունին’։ 19 Ես ալ ըսի. ‘Տէ՛ր, իրենք աղէկ գիտեն թէ ես էի որ քեզի հաւատացողները բանտը կը դնէի եւ ժողովարաններուն մէջ կը ծեծէի 20 Ու երբ քու Ստեփանոս վկայիդ արիւնը կը թափուէր՝ ես ինքս ալ ներկայ էի եւ կամակից էի անոր սպաննուելուն ու զանիկա սպաննողներուն հանդերձները ե՛ս կը պահէի’։ 21 Բայց ինծի ըսաւ. ‘Գնա՛, վասն զի ես քեզ հեռաւոր հեթանոսներուն պիտի ղրկեմ’»։

22 Հոն եղողները՝ մինչեւ այս խօսքը ականջ դրին իրեն՝ ետքը ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Վերցո՛ւր աշխարհէն այդ մարդը, քանզի չի վայլեր ատոր ողջ մնալ»։ 23 Երբ կը կանչվռտէին ու հանդերձնին կը նետէին եւ փոշին դէպի օդը կը ցանէին, 24 Հազարապետը հրաման ըրաւ, որ զանիկա բերդը մտցնեն ու ըսաւ որ ծեծով հարցուփորձ ընեն, որպէս զի գիտնայ թէ ի՞նչ յանցանքի համար անոր դէմ այնպէս կը կանչվռտէին։ 25 Երբ կաշի կապերով զինք կապեցին, Պօղոս վերակացու հարիւրապետին ըսաւ. «Օրինաւո՞ր է Հռովմայեցի ու չդատապարտուած մարդ մը ծեծելը»։ 26 Հարիւրապետը, երբ ասիկա լսեց, գնաց հազարապետին պատմեց ու ըսաւ. «Ի՞նչ պիտի ընես, վասն զի այս մարդը Հռովմայեցի է»։ 27 Հազարապետն ալ քովը գնաց ու ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, դուն Հռովմայեցի՞ ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛»։ 28 Հազարապետը պատասխան տուաւ. «Ես շատ ստակով ձեռք բերի այս քաղաքացիութեան իրաւունքը»։ Պօղոս ըսաւ. «Ես բուն ատոր մէջ ծնած եմ»։ 29 Անոնք որ զինք պիտի հարցուփորձէին, շուտ մը հեռացան իրմէ եւ հազարապետն ալ վախցաւ, երբ իմացաւ թէ Հռովմայեցի է, որովհետեւ զանիկա կապեր էր։

ՊՕՂՈՍ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

30 Հետեւեալ օրը, ուզելով որ շիտակը գիտնայ, թէ ի՞նչ է Հրեաներուն ըրած ամբաստանութիւնը անոր դէմ, արձակեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը մէկտեղ գան եւ Պօղոսը բերելով՝ անոնց առջեւ կայնեցուց։

23 1 Պօղոս իր աչքերը ժողովին վրայ դարձնելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես բոլորովին բարի խղճմտանքով կեանք վարեր եմ Աստուծոյ առջեւ մինչեւ այսօր»։ Անանիա քահանայապետն ալ հրաման ըրաւ իր քով կայնողներուն, որ անոր բերնին զարնեն։ Այն ատեն Պօղոս ըսաւ անոր. «Աստուած քեզի պիտի զարնէ, ծեփա՛ծ պատ։ Դուն նստեր ես օրէնքին համեմատ զիս դատելու եւ օրէնքէն դուրս հրամա՞ն կ’ընես, որ ինծի զարնեն»։ Բոլորտիքը կայնողները ըսին. «Աստուծոյ քահանայապե՞տը կը նախատես»։ Պօղոս ալ ըսաւ. «Եղբա՛յրներ, չէի գիտեր թէ քահանայապետ է, վասն զի գրուած է. ‘Քու ժողովուրդիդ իշխանին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ’»։ Պօղոս գիտնալով որ մէկ կողմը Սադուկեցիներ են ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, կ’աղաղակէր ժողովին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. մեռելոց յարութեանը յոյսին համար կը դատուիմ»։ Երբ ասիկա ըսաւ, Փարիսեցիներուն եւ Սադուկեցիներուն մէջ երկպառակութիւն ինկաւ եւ բազմութիւնը բաժնուեցաւ։ Քանզի Սադուկեցիները կ’ըսեն թէ՝ յարութիւն չկայ եւ ո՛չ հրեշտակ, ո՛չ ալ հոգի. բայց Փարիսեցիները երկուքն ալ կը դաւանին։ Մեծ աղաղակ մը եղաւ ու Փարիսեցիներուն կողմէն եղող դպիրները ոտքի վրայ ելլելով՝ դէմ կեցան ու կ’ըսէին. «Մենք այս մարդուն վրայ չարութիւն մը չենք գտներ. հապա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը ատոր խօսած է, ի՞նչ ընենք»։ 10 Երբ աղմուկը շատցաւ, հազարապետը՝ վախնալով որ չըլլայ թէ Պօղոս անոնցմէ պատառուի՝ զինուորներուն հրաման ըրաւ որ իջնեն եւ զանիկա անոնց մէջէն յափշտակեն ու բերդը տանին։ 11 Հետեւեալ գիշերը Տէրը անոր քով կայնեցաւ ու ըսաւ. «Քաջասի՛րտ եղիր, Պօ՛ղոս, վասն զի ինչպէս Երուսաղէմի մէջ ինծի համար վկայեցիր, այնպէս պէտք է Հռովմի մէջ ալ վկայես»։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ԴԷՄ ԴԱՒ

12 Առտուն, Հրեաներէն ոմանք միաբանեցան ու ինքզինքնին անէծքի տակ դրին՝ ըսելով որ չուտեն ու չխմեն մինչեւ որ Պօղոսը սպաննեն։ 13 Քառասունէ աւելի էին անոնք՝ որ այս երդումը իրարու հետ ըրին, 14 Որոնք քահանայապետներուն եւ ծերերուն գացին ու ըսին. «Անէծքով անիծեցինք անձերնիս, որ բան մը չուտենք մինչեւ որ Պօղոսը սպաննենք։ 15 Ուստի դուք ժողովին հետ մէկտեղ հազարապետին իմացուցէք, որ վաղը զանիկա ձեզի իջեցնէ, որպէս թէ դուք աւելի ճիշդ քննութիւն ընել կ’ուզէք անոր մասին եւ մենք անոր մօտ գալէն առաջ պատրաստ ենք զանիկա սպաննելու»։ 16 Բայց Պօղոսին քրոջ որդին, երբ այս դաւաճանութիւնը լսեց, գնաց բերդը մտաւ ու Պօղոսին պատմեց։ 17 Պօղոս ալ հարիւրապետներէն մէկը իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Այս պատանին հազարապետին տար, վասն զի անոր իմացնելիք բան մը ունի»։ 18 Ան ալ առաւ զանիկա եւ տարաւ հազարապետին ու ըսաւ. «Բանտարկեալ Պօղոսը զիս կանչեց եւ աղաչեց որ այս պատանին քեզի բերեմ, քանզի քեզի խօսելիք ունի»։ 19 Հազարապետը անոր ձեռքէն բռնելով՝ մէկդի գնաց ու հարցուց. «Ի՞նչ ունիս ինծի իմացնելիք»։ 20 Անիկա ըսաւ. «Հրեաները միաբանեցան քեզի աղաչելու որ վաղը Պօղոսը ատեանը իջեցնես, որպէս թէ կ’ուզեն աւելի ճիշդ քննութիւն մը ընել անոր մասին։ 21 Բայց դուն անոնց մտիկ մի՛ ըներ, վասն զի անոնցմէ քառասունէ աւելի մարդիկ դարանամուտ եղած են անոր համար, որոնք ինքզինքնին անէծքի տակ դրին, որ չուտեն ու չխմեն, մինչեւ զանիկա սպաննեն ու հիմա պատրաստ են եւ քու հրամանիդ կը սպասեն»։ 22 Այն ատեն հազարապետը պատանին ճամբեց եւ պատուիրեց. «Մարդու մի՛ ըսեր, որ այս բանը ինծի իմացուցիր»։

ՊՕՂՈՍ ՓԵԼԻՔՍ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

23 Հարիւրապետներէն երկուքը կանչեց ու ըսաւ. «Երկու հարիւր զինուոր պատրաստեցէք ու եօթանասուն ձիաւոր եւ երկու հարիւր գեղարդաւոր, որպէս զի մինչեւ Կեսարիա երթան գիշերուան ժամը երեքին 24 Եւ գրաստներ պատրաստեցէք, որպէս զի Պօղոսը հեծցնեն ու ապահովութեամբ Փելիքս կուսակալին տանին»։ 25 Թուղթ մը գրեց այս օրինակին պէս. 26 «Կղօդիոս Լիւսիաս, պատուական Փելիքս կուսակալիդ՝ ողջո՛յն։ 27 Այս մարդը Հրեաներէն բռնուեր էր եւ անոնցմէ պիտի սպաննուէր, իսկ ես զինուորներով վրայ հասայ եւ ազատեցի զանիկա, իմանալով որ Հռովմայեցի է։ 28 Եւ ուզելով պատճառը գիտնալ, որու համար ատոր վրայ ամբաստանութիւն կ’ընէին, զինք տարի անոնց ատեանը։ 29 Գտայ թէ ամբաստանուած է իրենց օրէնքին վերաբերեալ խնդիրներու համար, բայց մեռնելու կամ պատժուելու յանցանք մը չունէր։ 30 Երբ լուր առի թէ Հրեաները այդ մարդուն համար որոգայթ լարած են, իսկոյն քեզի ղրկեցի, հրաման ընելով ամբաստանողներուն ալ՝ որ քու առջեւդ խօսին անոր մասին։ Ո՛ղջ եղիր»։

31 Զինուորներն ալ իրենց հրամայուածին համեմատ առին Պօղոսը ու գիշերով Անտիպատրոս տարին։ 32 Եւ հետեւեալ օրը թողուցին ձիաւորները անոր հետ երթալու ու իրենք բերդը դարձան։ 33 Անոնք ալ Կեսարիա տարին ու թուղթը կուսակալին տուին եւ Պօղոսը անոր առջեւ կայնեցուցին։ 34 Երբ կարդաց, հարցուց թէ ո՞ր գաւառէն է եւ իմանալով որ Կիլիկիայէն է, 35 Ըսաւ. «Պիտի լսեմ քեզի՝ երբ քեզ ամբաստանողներն ալ գան» եւ հրաման ըրաւ, որ զանիկա Հերովդէսին պալատին մէջ պահեն։

ՊՕՂՈՍԸ ՀՐԵԱՆԵՐԷՆ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԻ

24 1 Հինգ օր ետքը Անանիա քահանայապետը ծերերուն ու Տերտիւղոս անուն ճարտասանի մը հետ իջաւ։ Ասոնք կուսակալին իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ։ Երբ կանչեցին զանիկա, Տերտիւղոս սկսաւ ամբաստանել ու ըսել. «Որովհետեւ քու ձեռքովդ լման խաղաղութիւն ու քու խնամքովդ այս ազգին գործերուն մէջ աղէկ կարգադրութիւն կը վայելենք, Ամէն կերպով ու ամէն տեղ բոլորովին գոհ ըլլալով, շնորհակալ ենք, ո՛վ պատուական Փելիքս։ Բայց չըլլայ որ ա՛լ աւելի ձանձրութիւն տամ քեզի, կ’աղաչեմ քու քաղցրութիւնովդ մեզի ականջ դիր, որ համառօտաբար պիտի խօսինք։ Վասն զի մենք այս մարդը գտանք ապականիչ եւ խռովարար բոլոր Հրեաներուն, որոնք աշխարհի մէջ են եւ Նազովրեցիներու աղանդին առաջնորդ. Որ տաճարն ալ ուզեց պղծել. որ բռնեցինք ու մեր օրէնքին համեմատ ուզեցինք դատաստանը ընել. Բայց Լիւսիաս հազարապետը եկաւ բռնութեամբ մեր ձեռքէն առաւ Եւ հրաման ըրաւ որ անոր դատախազները քեզի գան, որ դուն քննելով՝ կարենաս տեղեկանալ այն ամէն բաներուն, որոնց համար մենք ամբաստանութիւն կ’ընենք ատոր վրայ»։ Հրեաներն ալ բոլորը միասին՝ ըսին. «Այդպէ՛ս է»։

ՊՕՂՈՍԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂԱԿԱՆԸ ՓԵԼԻՔՍԻՆ ԱՌՋԵՒ

10 Պատասխան տուաւ Պօղոս, երբ կուսակալը անոր աչք ըրաւ որ խօսի. «Գիտնալով որ շատ տարիներէ ի վեր դուն այս ազգին դատաւորն ես, աւելի յօժարութեամբ ինծի վերաբերեալ բաներուն համար պատասխան պիտի տամ. 11 Որովհետեւ կրնաս գիտնալ թէ ես տասներկու օրէ աւելի չէ՝ որ Երուսաղէմ եկայ երկրպագութիւն ընելու։ 12 Զիս տաճարին մէջ մէկուն հետ վիճաբանութիւն ընելու վրայ, կամ բազմութիւնը մէկտեղ ժողված չգտան, ո՛չ ալ ժողովարաններուն մէջ, 13 Ո՛չ քաղաքին մէջ. ո՛չ ալ կրնան ապացուցանել այն բաները, որոնց համար հիմա ամբաստանութիւն կ’ընեն ինծի դէմ։ 14 Բայց ասիկա կը խոստովանիմ քեզի՝ թէ այն ճամբուն համեմատ որ ասոնք հերձուած կ’ընդունին, ես այնպէս կը պաշտեմ իմ հայրենի Աստուածս, հաւատալով այն ամէն բաներուն, որոնք օրէնքին եւ մարգարէներուն մէջ գրուած են։ 15 Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն։ 16 Եւ ես այս բանին համար կը ջանամ, որ ամէն ատեն մաքուր խղճմտանք ունենամ Աստուծոյ առջեւ ու մարդոց առջեւ։ 17 Արդ՝ ես շատ տարիներէ յետոյ եկայ իմ ազգիս ողորմութիւններ բերելու ու ընծաներ տալու. 18 Այսպէս քանի մը Ասիացի Հրեաներ զիս տաճարին մէջ մաքրուած գտան, ո՛չ բազմութիւնով եւ ո՛չ ամբոխով, 19 Որոնք պէտք էր որ առջեւդ գային ու ամբաստանութիւն ընէին, եթէ իմ վրայովս ըսելու բան մը ունէին։ 20 Կամ թէ ասոնք իրենք թող ըսեն, ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, երբ ատեանը կայներ էի։ 21 Միայն թէ այս մէկ խօսքիս համար, որ երբ իրենց մէջ կայներ էի, կանչեցի. ‘Մեռելներու յարութեանը համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ’»։ 22 Փելիքս ուրիշ անգամուան թողուց հարցը, վասն զի ստոյգ տեղեկութիւն ունէր անոր մասին ու ըսաւ. «Երբ Լիւսիաս հազարապետը հոս գայ, պիտի քննեմ ձեր գործը»։ 23 Եւ հարիւրապետին հրաման ըրաւ որ Պօղոսը պահէ, բայց լայն ազատութիւն տայ ու չարգիլէ եթէ իրեններէն մէկը ուզէ անոր սպասաւորութիւն ընել կամ անոր քով երթալ։

ՊՕՂՈՍ ՓԵԼԻՔՍԻՆ ԱՌՋԵՒ

24 Քանի մը օր յետոյ Փելիքս եկաւ իր Դրուսիղա կնոջ հետ, որ Հրեայ էր ու Պօղոսը կանչել տուաւ եւ լսեց անկէ այն հաւատքին մասին որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ է։ 25 Երբ անիկա արդարութեան ու ժուժկալութեան եւ գալու դատաստանին վրայով կը խօսէր, Փելիքս զարհուրելով պատասխան տուաւ. «Դուն հիմա գնա՛ ու երբ ժամանակ ունենամ, քեզ նորէն կը կանչեմ»։ 26 Նաեւ յոյս ունէր, որ Պօղոսին կողմէն իրեն ստակ տրուի, անոր համար շատ անգամ կանչել կու տար զանիկա ու անոր հետ կը խօսակցէր։ 27 Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի տեղ Պորկիոս Փեստոս եկաւ։ Փելիքս ալ Հրեաներուն շնորհք ընել ուզելով՝ Պօղոսը կապուած թողուց։

ՊՕՂՈՍ ԿԱՅՍՐԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ

25 1 Երբ Փեստոս իր իշխանութեան գաւառը հասաւ, երեք օր յետոյ Կեսարիայէն Երուսաղէմ ելաւ։ Քահանայապետն ու Հրէից գլխաւորները անոր իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ Եւ կ’աղաչէին իրեն եւ շնորհք կը խնդրէին, որպէս զի զանիկա Երուսաղէմ բերել տայ։ Բայց իրենք դարան կը պատրաստէին ճամբուն մէջ զանիկա սպաննելու։ Սակայն Փեստոս հրահանգեց, որ Պօղոս Կեսարիա պահուի եւ ինք շատ չանցած հոն պիտի երթայ։ «Ուստի ձեզմէ որոնք որ կարող են», ըսաւ, «ինծի հետ թող իջնեն, եթէ այն մարդուն վրայ յանցանք մը կայ, թող անոր դէմ ամբաստանութիւն ընեն»։ Հոն ութ կամ տասը օրէ աւելի չկենալով, Կեսարիա իջաւ ու հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրաւ որ Պօղոսը բերեն։ Երբ անիկա եկաւ, Երուսաղէմէն Հրեաները անոր բոլորտիքը կայնելով, շատ ծանր ամբաստանութիւններ կ’ընէին Պօղոսին դէմ, բայց չէին կրնար ապացուցանել. Վասն զի Պօղոս կը պնդէր թէ՝ «Ես ո՛չ Հրեաներուն օրէնքին, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ալ Կայսրին դէմ յանցանք մը գործած եմ»։ Բայց Փեստոս ուզելով որ Հրեաներուն շնորհք ընէ, Պօղոսին ըսաւ. «Կ’ուզե՞ս Երուսաղէմ ելլել եւ հոն դատուիլ»։ 10 Պօղոս ալ ըսաւ. «Կայսրին ատեանը կայներ եմ, ուր պէտք է դատուիմ։ Ես Հրեաներուն անիրաւութիւն մը ըրած չեմ, ինչպէս դուն ալ աղէկ գիտես։ 11 Քանզի եթէ անիրաւութիւն մը եւ մահուան արժանի բան մը ըրած եմ, ես մեռնելէ չեմ քաշուիր. բայց եթէ չկայ իմ վրաս այն բաներէն մէկն ալ՝ որոնց համար ասոնք ինծի դէմ ամբաստանութիւն կ’ընեն, մէ՛կը չի կրնար զիս ատոնց շնորհել, Կայսրին կը բողոքեմ»։ 12 Այն ատեն Փեստոս խորհրդականներուն հետ խօսելով՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քանի որ Կայսրին բողոքեցիր, Կայսրին պիտի երթաս»։

ՊՕՂՈՍ ԱԳՐԻՊՊԱՍԻՆ ԵՒ ԲԵՐԻՆԻԿԷԻՆ ԱՌՋԵՒ

13 Քանի մը օր անցնելէն յետոյ, Ագրիպպաս թագաւորը եւ Բերինիկէն Կեսարիա եկան Փեստոսը ողջունելու։ 14 Շատ օրեր հոն անցուցին։ Փեստոս Պօղոսին համար թագաւորին իմացուց ու ըսաւ. «Հոս մարդ մը կայ որ Փելիքս բանտարկուած թողուցեր է, 15 Որուն վրայով, երբ Երուսաղէմ գացի, քահանայապետներն ու Հրեաներուն ծերերը իմացուցին ինծի եւ խնդրեցին, որ անոր դէմ դատապարտութեան վճիռ տրուի, 16 Որոնց պատասխան տուի թէ՝ Հռովմայեցիներու սովորութիւնը չէ մարդ մը կորստեան մատնել, մինչեւ ամբաստանուածն ու ամբաստանողները առջեւը չունենայ եւ ամբաստանեալին պատասխան տալու պատեհութիւն չտրուի։ 17 Ուստի երբ անոնք ինծի հետ հոս եկան, ամենեւին չուշացուցի, հապա հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրի որ մարդը բերեն։ 18 Անոր դատախազներն ալ ներկայանալով, իմ կասկած ըրած յանցանքներէս մէ՛կն ալ յառաջ չբերին. 19 Հապա մէկ քանի խնդիրներ ունէին անոր հետ իրենց կրօնքին վրայ եւ Յիսուս անունով մեռածի մը վրայ, որուն համար Պօղոս կ’ըսէր թէ կենդանի է։ 20 Եւ երբ տարակուսանքի մէջ էի այս բանին քննութեան վրայով, հարցուցի. ‘Կ’ուզե՞ս Երուսաղէմ երթալ եւ հոն այս բաներուն համար դատուիլ’։ 21 Բայց Պօղոս երբ բողոքեց ու պահանջեց որ Վեհափառ Կայսրին դէմ ելլէ, հրաման ըրի որ զինք պահեն՝ մինչեւ Կայսրին ղրկեմ»։ 22 Ագրիպպաս ըսաւ Փեստոսին. «Ես ալ կ’ուզէի այդ մարդը մտիկ ընել»։ Ան ալ ըսաւ. «Վաղը մտիկ կ’ընես»։

23 Հետեւեալ օրը երբ Ագրիպպաս ու Բերինիկէ մեծ հանդէսով եկան ու ատեանը մտան հազարապետներով եւ քաղաքին պատուաւոր մարդոց հետ, Փեստոս ալ հրաման ընելով՝ բերին Պօղոսը։ 24 Այն ատեն Փեստոս ըսաւ. «Ագրիպպա՛ս արքայ եւ դուք որ մեզի հետ էք, ասիկա կը տեսնէք. ասոր վրայով Հրեաներուն բոլոր բազմութիւնը ինծի ներկայացան Երուսաղէմի մէջ եւ հոս ալ ու կ’աղաղակէին թէ՝ ‘Պէտք չէ որ ա՛լ ատիկա ողջ մնայ’։ 25 Բայց ես քննեցի եւ հասկցայ թէ անիկա մեռնելու արժանի բան մը ըրած չէ, ինքն ալ Վեհափառ Կայսրին բողոքեց, որոշեցի որ ղրկեմ զանիկա։ 26 Անոր համար հաստատ բան մը չունիմ գրելու իմ տիրոջս. ուստի ատիկա ձեր առջեւ բերի եւ մանաւանդ քու առջեւդ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, որպէս զի քննութիւն ընելէ յետոյ գրելիք մը ունենամ. 27 Վասն զի ինծի անվայել կ’երեւնայ որ բանտարկեալ մը ղրկեմ եւ անոր վրայ դրուած յանցանքները չիմացնեմ»։

ՊՕՂՈՍԻՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԳՐԻՊՊԱՍԻՆ ԱՌՋԵՒ

26 1 Եւ Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Հրաման է քեզի որ դուն քեզի համար խօսիս»։ Այն ատեն Պօղոս ձեռքը երկնցնելով՝ իրեն համար պատասխան տուաւ. «Հրեաներուն իմ վրաս ըրած բոլոր ամբաստանութիւններուն համար, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, ես զիս երանելի կը սեպեմ, որ այսօր քու առջեւդ պատասխան պիտի տամ. Մանաւանդ որ դուն Հրեաներուն բոլոր սովորութիւնները եւ խնդիրները աղէկ գիտես, անոր համար կ’աղաչեմ որ երկայնամտութեամբ ինծի մտիկ ընես։ Արդ՝ իմ մանկութենէս ի վեր իմ ի՛նչպէս ապրիլս, սկիզբէն Երուսաղէմ իմ ազգիս մէջ ըլլալով, բոլոր Հրեաները տեղեակ են։ Քանզի շատ կանուխէն զիս կը ճանչնան, եթէ ուզեն վկայել, թէ մեր կրօնքին ամենէն խիստ օրէնքին համաձայն՝ Փարիսեցի ապրեր եմ. Եւ հիմա ատեանը կեցեր կը դատուիմ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումին յոյսին համար. Որուն՝ մեր տասներկու ցեղը անդադար գիշեր ու ցորեկ պաշտելով՝ կը յուսան հասնիլ. ես այդ յոյսին համար Հրեաներէն կ’ամբաստանուիմ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ։ Ի՞նչ. չհաւատալո՞ւ բան կ’երեւնայ ձեզի թէ Աստուած մեռելները կը յարուցանէ։ Ես ինքս ալ ինծի պարտք կը սեպէի Յիսուս Նազովրեցիի անուան դէմ շատ բաներ ընել. 10 Եւ ըրի ալ Երուսաղէմի մէջ եւ քահանայապետներէն իշխանութիւն առած՝ սուրբերէն շատերը բանտարկեցի ու անոնց սպաննուած ատենը հաւանութիւն տուի։ 11 Եւ բոլոր ժողովարաններուն մէջ շատ անգամ զանոնք պատժելով՝ կը բռնադատէի որ հայհոյեն եւ անոնց դէմ սաստիկ կատղած՝ մինչեւ օտար քաղաքները կը հալածէի»։

ՊՕՂՈՍ ԻՐ ԴԱՐՁԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ

(Գործ. 9։1-19, 22։6-16)

12 «Այսպէս երբ Դամասկոս ալ կ’երթայի, քահանայապետներէն իշխանութիւն ու հրաման առած, 13 Կէսօրուան ատենը ճամբուն վրայ, ո՛վ արքայ, երկնքէն լոյս մը տեսայ արեւին լուսաւորութենէն աւելի՝ բոլորտիքս ծագած, նաեւ անոնց բոլորտիքը որոնք ինծի հետ կ’երթային։ 14 Ու երբ մենք ամէնքս գետինը ինկանք, ձայն մը լսեցի, որ Եբրայական լեզուով ինծի կ’ըսէր. ‘Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել’։ 15 Ես ալ ըսի. ‘Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես. 16 Բայց ելի՛ր ու ոտքի՛ կայնէ. վասն զի անոր համար քեզի երեւցայ, որ քեզ ձեռք առնեմ պաշտօնեայ եւ վկայ ընելու այն բաներուն՝ որոնք տեսար ու այն բաներուն որոնցմով պիտի երեւնամ քեզի, 17 Քեզ ազատելով այդ ժողովուրդէն ու հեթանոսներէն, որոնց հիմա քեզ կը ղրկեմ, 18 Անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն լոյսի ու Սատանային իշխանութենէն Աստուծոյ դարձնելու, որպէս զի անոնք մեղքերու թողութիւն գտնեն եւ սուրբերուն հետ մասնակից ըլլան ինծի հաւատալով’»։

ՊՕՂՈՍ ԿԱՏԱՐԱԾ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ

19 «Ուստի, Ագրիպպա՛ս արքայ, այն երկնային տեսիլքին անհնազանդ չեղայ ես. 20 Հապա առաջ Դամասկոս ու Երուսաղէմ եղողներուն եւ բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու հեթանոսներուն քարոզեցի, որ ապաշխարեն ու Աստուծոյ դառնան եւ ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր գործեն։ 21 Այս պատճառաւ Հրեաները զիս տաճարին մէջ բռնեցին եւ կը ջանային սպաննել։ 22 Սակայն Աստուծմէ օգնութիւն հասնելով մինչեւ օրս ողջ մնացի՝ պզտիկի ու մեծի վկայութիւն տալով, բան մը չպատմելով այն բաներէն դուրս, որոնք մարգարէները եւ Մովսէս ըսին թէ պիտի ըլլան. 23 Թէ՝ Քրիստոս պիտի չարչարուի եւ թէ՝ անիկա ամենէն առաջ մեռելներէն յարութիւն առած՝ լոյս պիտի քարոզէ ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն»։

24 Քանի որ անիկա այսպէս պատասխան կու տար իրեն համար, Փեստոս բարձր ձայնով մը ըսաւ. «Կը խելագարի՛ս, Պօ՛ղոս, շատ կարդացած ըլլալդ քեզ կը յիմարացնէ»։ 25 Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես չեմ խելագարիր, ո՛վ պատուական Փեստոս, հապա ճշմարտութեան եւ զգաստութեան խօսքեր կը խօսիմ։ 26 Քանզի այս բաները թագաւորը գիտէ, որուն համար ես ալ համարձակ կը խօսիմ. քանզի չեմ կարծեր թէ ասոնցմէ բան մը անկէ ծածկուած է, վասն զի այս բանը անկիւնի մը մէջ եղած չէ։ 27 Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպա՛ս արքայ։ Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս»։ 28 Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։ 29 Պօղոս ալ ըսաւ. «Աստուծմէ կը խնդրէի, որ թէ՛ քիչով եւ թէ՛ շատով, ո՛չ միայն դուն, հապա ամէնքն ալ, որոնք այսօր ինծի կը լսեն, այնպէս ըլլան՝ ինչպէս ես եմ, այս կապերէն զատ»։

30 Ոտքի ելան թագաւորն ու կուսակալը եւ Բերինիկէն ու անոնք որ իրենց հետ նստեր էին։ 31 Ու դուրս ելլելէ յետոյ, իրարու հետ խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու կամ կապուելու արժանի բան մը չ’ըներ»։ 32 Ագրիպպաս ալ Փեստոսին ըսաւ. «Կարելի էր այս մարդը արձակել, եթէ Կայսրին բողոքած չըլլար»։

ՊՕՂՈՍ ԴԷՊԻ ՀՌՈՎՄ ԿԸ ՆԱՒԷ

27 1 Երբ որոշուեցաւ որ նաւով Իտալիա երթանք, Պօղոսը եւ ուրիշ քանի մը կապուածներ յանձնեցին հարիւրապետի մը, որուն անունը Յուլիոս էր, Սեբաստեան գունդէն։ Ադրամինտական նաւ մը մտնելով՝ ճամբայ ելանք։ Ասիոյ կողմէն կը նաւարկէինք. Թեսաղոնիկէէ եղող Արիստարքոս Մակեդոնացին ալ մեզի հետ էր։ Հետեւեալ օրը Սիդոն հասանք։ Յուլիոս մարդասիրութիւն ցուցնելով Պօղոսին՝ հրաման տուաւ որ բարեկամներուն երթայ ու դարմանուի։ Անկէ ելլելով՝ Կիպրոսի վարի կողմէն նաւարկեցինք՝ հովին դէմ ըլլալուն համար։ Ետքը Կիլիկիոյ ու Պամփիւլիոյ ծովուն մէջէն նաւարկելով՝ Լիկիայի Միռա քաղաքը հասանք։ Հարիւրապետը հոն Աղեքսանդրիական նաւ մը գտնելով, որ Իտալիա կ’երթար, մեզ անոր մէջ մտցուց։ Շատ օրեր կամաց կամաց նաւելով՝ հազիւ թէ Կնիդոսի քովերը հասանք, հովը մեզի դէմ ըլլալով՝ Կրետէի վարի կողմէն Սաղմոնայի քովէն նաւեցինք Եւ դժուարաւ անկէ անցնելով՝ տեղ մը եկանք, որ Գեղեցիկ նաւահանգիստ կը կոչուէր, որուն մօտ էր Ղասիա քաղաքը։

Շատ ժամանակ անցաւ եւ նաւին ճամբայ ելլելն ալ վտանգաւոր էր, ծոմին ատենն ալ արդէն անցած ըլլալով, Պօղոս խրատ կու տար 10 Եւ կ’ըսէր անոնց. «Մարդի՛կ, ես կը տեսնեմ թէ այս նաւին ճամբայ ընելը տառապանքով ու շատ վնասով պիտի ըլլայ ո՛չ միայն բեռին ու նաւին՝ հապա մեր անձերուն ալ»։ 11 Բայց հարիւրապետը աւելի նաւապետին եւ նաւավարին մտիկ կ’ընէր՝ քան թէ Պօղոսին խօսքերուն։ 12 Որովհետեւ այն նաւահանգիստը յարմար չէր ձմեռը հոն անցընելու, շատերը խորհեցան անկէ երթալ, որ թերեւս կարող ըլլան Փիւնիկէ հասնիլ ու ձմեռը հոն կենալ, որ Կրետէի նաւահանգիստ մըն է ու դէպի հարաւ եւ արեւմտեան հիւսիս կը նայի։

ՓՈԹՈՐԻԿ ԾՈՎՈՒՆ ՎՐԱՅ

13 Երբ հարաւային մեղմ հով մը փչեց, կարծելով թէ իրենց դիտաւորութեանը հասեր են, ճամբայ ելանք ու Կրետէի քովերէն անցանք։ 14 Շատ ատեն չանցած՝ մրրկալից հով մը ելաւ մեր դէմ, որ Եւրակիկլոն կը կոչուի։ 15 Նաւը յափշտակուեցաւ եւ հովին դէմ չկրցաւ դիմանալ։ Թող տուած՝ կ’երթայինք ու կու գայինք. 16 Դէպի փոքր կղզիի մը ետեւի կողմը դիմելով, որ Կղօդա կը կոչուէր, հազիւ կրցանք մակոյկը բռնել. 17 Որը վեր առին ու միջոցներ գործածելով՝ նաւը տակէն կապեցին եւ վախնալով որ չըլլայ թէ յորձանուտը իյնան, առագաստը իջեցուցած՝ կ’երթային ու կու գային։ 18 Քանի որ սաստիկ ալեկոծութեան մէջ էինք, յաջորդ օրը բեռները դուրս նետեցին։ 19 Երրորդ օրը նաւին գործիքները մեր ձեռքերով դուրս նետեցինք։ 20 Շատ օրեր ո՛չ արեւ, ո՛չ ալ աստղեր կ’երեւնային եւ փոթորիկը քիչ չէր մեր վրայ։ Ա՛լ բոլորովին մեր ազատուելու յոյսը կտրուեցաւ։ 21 Որովհետեւ շատ օրերէ ի վեր անօթի էին, Պօղոս անոնց մէջ կայնելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ մարդիկ, պէտք էր որ ինծի մտիկ ընէիք ու Կրետէէն չելլէիք եւ այս տառապանքն ու վնասը չքաշէիք։ 22 Հիմա ալ ձեզ կը յորդորեմ, որ սիրտ առնէք, քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն անձին վնաս մը պիտի չըլլայ, միայն նաւին, 23 Վասն զի այս գիշեր երեւցաւ ինծի հրեշտակը այն Աստուծոյն, որունն եմ ես եւ որ կը պաշտեմ 24 Եւ ըսաւ. ‘Մի՛ վախնար, Պօղոս, Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես դուն. ուստի Աստուած քեզի շնորհեց զանոնք, որոնք քեզի հետ նաւին մէջ են’։ 25 Ուստի, մա՛րդիկ, սի՛րտ առէք, վասն զի ես կը հաւատամ Աստուծոյ՝ որ այսպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս ինծի ըսուեցաւ։ 26 Միայն թէ՝ պէտք է որ կղզի մը իյնանք»։

27 Տասնըչորրորդ գիշերն էր, որ Ադրիական ծովուն մէջ կը տարուբերէինք, կէսգիշերին նաւավարները կը կարծէին թէ երկրի մը մօտեցեր են։ 28 Գնդակը ձգելով՝ քսան գրկաչափ գտան։ Քիչ մըն ալ յառաջ երթալով՝ նորէն ձգեցին եւ տասնըհինգ գրկաչափ գտան։ 29 Ու վախնալով որ չըլլայ թէ քարոտ տեղեր իյնան, ետեւի կողմէն չորս խարիսխ ձգեցին եւ անձկութեամբ լուսնալուն կը սպասէինք։ 30 Իսկ նաւավարները նաւէն փախչիլ ուզելով՝ մակոյկը ծովը իջեցուցին, ձեւացնելով թէ առջեւի կողմէն ալ խարիսխներ պիտի ձգեն։ 31 Բայց Պօղոս ըսաւ հարիւրապետին ու զինուորներուն. «Եթէ ատոնք նաւին մէջ չկենան՝ դուք չէք կրնար ազատիլ»։ 32 Այն ատեն զինուորները մակոյկին չուանները կտրեցին եւ թողուցին որ հեռանայ։ 33 Առտուն՝ Պօղոս կ’աղաչէր ամենուն որ կերակուր ուտեն, ըսելով. «Այսօր տասնըչորս օր է, որ դուք սպասելով անօթի մնացեր էք ու բան մը կերած չէք, 34 Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի որ կերակուր ուտէք, վասն զի այս ալ ձեր ազատութեանը համար է. քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն գլխէն մազ մը պիտի չկորսուի»։ 35 Այսպէս ըսելով՝ հաց առաւ ու ամենուն առջեւ Աստուծմէ գոհացաւ եւ կտրելով սկսաւ ուտել։ 36 Ամէնքն ալ սիրտ առին ու իրենք ալ կերակուր կերան։ 37 Նաւին մէջ երկու հարիւր եօթանասունըվեց հոգի էինք։ 38 Երբ կշտացան կերակուրով, նաւը թեթեւցուցին՝ ցորենը ծովը թափելով։

ՆԱՒԱԲԵԿՈՒԹԻՒՆ

39 Առտուն, ցամաքը չէին ճանչնար, միայն ծոց մը կը նշմարէին որ ծովեզերք ունէր ու կը խորհէին հնարք մը գտնել, որ կարելի ըլլայ նաւը անոր մէջ մխել։ 40 Խարիսխները կտրելով՝ ծովը ձգեցին ու ղեկերուն կապերը թուլցուցին եւ առագաստը հովին բանալով՝ դէպի այն ծովեզերքը գացին 41 Եւ այնպիսի տեղ մը ինկան, որուն երկու կողմը ծով էր։ Նաւը նստեցուցին։ Նաւին առջեւի կողմը խրեցաւ եւ անշարժ մնաց։ Ետեւի կողմը ալիքներուն սաստկութենէն կը քակուէր։ 42 Զինուորներն ալ խորհուրդ ըրին որ կապուածները սպաննեն, որ չըլլայ թէ մէկը լողայ ու փախչի։ 43 Բայց հարիւրապետը, որ Պօղոսը ազատել կ’ուզէր, արգիլեց անոնց այն խորհուրդը եւ հրաման տուաւ որ լողալ գիտցողները առաջ նետուին ու ցամաք ելլեն. 44 Եւ մնացածները, ոմանք տախտակներով եւ ոմանք ուրիշ բաներով եւ այսպէս՝ ամէնքը ազատեցան, ցամաք ելան։

ՄԵԼԻՏԷ

28 1 Երբ ազատեցան, հասկցան թէ այն կղզիին անունը Մելիտէ էր։ Եւ բնիկները քիչ մարդասիրութիւն չցուցուցին մեզի. Վասն զի կրակ վառեցին եւ մեզ ամէնքս ալ ընդունեցին՝ մեր վրայ հասած անձրեւին ու ցուրտին համար։ Երբ Պօղոս շատ մը խռիւ ժողվեց եւ կրակին վրայ դրաւ, տաքութենէն իժ մը ելաւ, անոր ձեռքը բռնեց։ Բնիկներն ալ, երբ այն գազանը տեսան անոր ձեռքէն կախուած՝ իրարու ըսին. «Անշուշտ ասիկա մարդասպան մըն է, որ թէպէտ ծովէն ազատեցաւ, բայց արդարութիւնը թող չտուաւ որ ապրի»։ Իսկ անիկա գազանը կրակին մէջ թօթուելով՝ իրեն վնաս մը չեղաւ։ Բնիկները կը սպասէին որ անիկա ուռենայ, կամ յանկարծակի մեռած իյնայ. բայց շատ սպասեցին ու տեսան որ անոր վնաս մը չեղաւ, կարծիքնին փոխելով՝ ըսին թէ՝ ‘աստուած մըն է’։ Այն տեղին բոլորտիքը կղզիին գլխաւոր մարդուն ագարակները կը գտնուէին, որուն անունը Պոպղիոս էր։ Ան մեզ ընդունեց եւ երեք օր հիւրասիրութեամբ մեզ իրեն քով պահեց։ Պոպղիոսի հայրը ջերմով եւ թանչքով հիւանդացած պառկած էր։ Պօղոս անոր քով մտաւ եւ աղօթք ընելով ձեռքերը անոր վրայ դրաւ ու բժշկեց զանիկա։ Ու երբ ասիկա եղաւ, ուրիշ հիւանդներ, որոնք այն կղզիին մէջ էին, կու գային եւ կը բժշկուէին։ 10 Անոնք շատ պատիւներով ալ մեզ պատուեցին ու մեր երթալու ատենը պէտք եղած բաները տուին։

ՄԵԼԻՏԷԷՆ ՀՌՈՎՄ

11 Երեք ամիս յետոյ Աղեքսանդրիական նաւով մը ճամբայ ելանք, որ ձմեռը այն կղզին անցուցեր էր ու Դիոսկուրացիներու նշանը ունէր։ 12 Սիրակուսա հասնելով՝ երեք օր հոն կեցանք։ 13 Անկէ ալ պտոյտ մը ընելով՝ Հռեգիոն հասանք։ Մէկ օր յետոյ երբ հարաւ սկսաւ փչել, երկու օրէն Պատիողոս հասանք։ 14 Հոն եղբայրներ գտանք, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր իրենց քով մնանք եւ ետքը Հռովմ ելլենք։ 15 Եղբայրները, երբ մեր վրայով լսեցին, մեզ դիմաւորելու ելան մինչեւ Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք պանդոկները։ Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ։

ՀՌՈՎՄԻ ՄԷՋ

16 Երբ Հռովմ մտանք, հարիւրապետը կապուածները զօրապետին յանձնեց. իսկ Պօղոսին հրաման եղաւ, որ իր պահապան զինուորին քով կենայ։ 17 Երեք օր յետոյ ան Հրեաներուն գլխաւորները կանչեց ու երբ մէկտեղ եկան, ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես ժողովուրդին կամ հայրենական սովորութիւններու դէմ բան մը չըրած, Երուսաղէմէն կապուած՝ Հռովմայեցիներուն մատնուեցայ, 18 Որոնք երբ զիս քննեցին, ուզեցին որ արձակեն, վասն զի իմ վրաս մեռնելու յանցանք մը չկար։ 19 Բայց երբ Հրեաները հակառակ կեցան, պէտք եղաւ որ Կայսրին բողոքեմ, ո՛չ թէ իմ ազգիս դէմ ամբաստանութիւն մը ունեցողի պէս։ 20 Ուստի այս պատճառաւ աղաչեցի որ ձեզ տեսնեմ ու ձեզի խօսիմ. վասն զի Իսրայէլի յոյսին համար ես այս շղթան վրաս կը կրեմ»։ 21 Անոնք ալ ըսին իրեն. «Մենք քու վրայովդ Հրէաստանէն ո՛չ թուղթեր առինք եւ ո՛չ եղբայրներէն մէկը հոս գալով՝ քու վրայովդ չարութիւն մը պատմեց կամ խօսեցաւ։ 22 Բայց կ’աղաչենք, որ քեզմէ լսենք թէ դուն ի՞նչ մտքի վրայ ես. վասն զի մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ 23 Օր մը որոշելով, շատեր գացին իր բնակած տեղը, որոնց Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ծանուցանէր վկայութիւնով եւ կը համոզէր զանոնք Յիսուսին վրայով Մովսէսին օրէնքէն ու մարգարէներէն սորվիլ, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն։ 24 Ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին։ 25 Եւ իրարու հետ չմիաբանած՝ գացին, երբ Պօղոս խօսք մը ըսաւ. «Սուրբ Հոգին աղէկ խօսեցաւ մեր հայրերուն, Եսայի մարգարէին միջոցով 26 Եւ ըսաւ. ‘Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՝ «Լսելով պիտի լսէք՝ ու պիտի չիմանաք եւ տեսնելով պիտի տեսնէք՝ ու պիտի չտեսնէք. 27 Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որ չըլլայ թէ իրենց աչքերովը տեսնեն ու ականջներովը լսեն եւ սրտերովը իմանան ու դարձի գան եւ ես բժշկեմ զանոնք»’։ 28 Ուստի յայտնի ըլլայ ձեզի թէ Աստուծոյ փրկութիւնը հեթանոսներուն ղրկուեցաւ եւ անոնք մտիկ պիտի ընեն»։ 29  Ու երբ ասիկա ըսաւ, Հրեաները դուրս ելան, իրարու հետ վիճելով։ 30 Պօղոս լման երկու տարի իր վարձքով բռնած տունը կեցաւ։ 28։31 Բոլոր եկողները կ’ընդունէր։ 31 28։32 Կը քարոզէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով՝ առանց արգիլուելու՝ կը սորվեցնէր կատարեալ համարձակութեամբ։