ԳԻՐՔ ԵՍԹԵՐԱՅ

ԳԻՐՔ ԵՍԹԵՐԱՅ

ՎԱՇԹԻ ԹԱԳՈՒՀԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ԳՐԳՌԷ

1 1 Ասուերոս թագաւորը, որ Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա հարիւր քսանեօթը գաւառի վրայ կը թագաւորէր՝ Իր թագաւորութեան երրորդ տարին՝ Շուշան մայրաքաղաքին մէջ կոչունք մը տուաւ բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն։ Եւ Մարերու ու Պարսիկներու մեծերը, նախարարներն ու գաւառներու իշխանները անոր առջեւ էին։ Այն ատեն շատ օրեր, այսինքն հարիւր ութսուն օր, իր թագաւորութեան փառաւոր հարստութիւնն ու իր մեծութեան պատուական շքեղութիւնը ցուցուց։

Երբ այն օրերը լմնցան, թագաւորը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող բոլոր ժողովուրդին, մեծէն մինչեւ պզտիկին, թագաւորական պալատին պարտէզին գաւիթին մէջ եօթը օր կոչունք տուաւ։ Ճերմակ բեհեզէ, կերպասէ ու կապուտակէ վարագոյրներ՝ բարակ քթանէ եւ ծիրանեգոյն չուաններով ու արծաթէ օղակներով՝ մարմարիոն սիւներէ կախուած էին եւ պորփիւրէ, ճերմակ մարմարիոնէ, ալապաստրէ ու սեւ մարմարիոնէ յատակի վրայ ոսկիէ ու արծաթէ նստարաններ շարուած էին։ Խմելիքները ոսկիէ ամաններով ու տեսակ տեսակ ամաններով կու տային։ Թագաւորական գինին առատ էր, ինչպէս թագաւորին կը վայլէր։ Խմելիքը կանոնաւոր էր, բռնադատող չկար. վասն զի թագաւորը այսպէս հրամայեր էր իր տանը բոլոր վերակացուներուն, որ ամէն մէկուն ուզածին պէս ընեն։ Վաշթի թագուհին ալ Ասուերոս թագաւորին պալատին մէջ կիներուն կոչունք տուաւ։

10 Եօթներորդ օրը, երբ թագաւորին սիրտը գինիէն զուարթացեր էր, իր առջեւ ծառայութիւն ընող եօթը ներքինիներուն՝ Մէհումանին, Բիզթային, Արբոնային, Բիզթային, Աբագթային, Զեթարին ու Քարքասին ըսաւ, 11 Որ Վաշթի թագուհին իր արքայական թագովը թագաւորին առջեւ բերեն, որպէս զի ժողովուրդներն ու իշխանները անոր գեղեցկութիւնը տեսնեն. վասն զի անիկա տեսքով գեղեցիկ էր։ 12 Բայց Վաշթի թագուհին ներքինիներուն միջոցով եղած թագաւորին հրամանին մերժեց հնազանդիլ։ Թագաւորը խիստ սրդողեցաւ ու իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։

13 Այն ատեն թագաւորը ժամանակները գիտցող իմաստուններուն ըսաւ (վասն զի թագաւորը ամէն օրէնք ու իրաւունք գիտցողներուն խորհուրդ կը հարցնէր։ 14 Մարերու ու Պարսիկներու եօթը իշխանները, Կարսենան, Սեթարը, Ադմաթան, Թարսիսը, Մերէսը, Մարսենան եւ Մեմուքան, որոնք անոր մօտ էին ու թագաւորին երեսը կը տեսնէին, թագաւորութեան առաջին խորհրդականներն էին). 15 «Օրէնքով ի՞նչ պէտք է ընել Վաշթի թագուհիին. քանի որ Ասուերոս թագաւորին ներքինիներուն միջոցով ղրկած հրամանը չկատարեց»։

16 Այն ատեն Մեմուքան՝ թագաւորին ու իշխաններուն առջեւ ըսաւ. «Վաշթի թագուհին ո՛չ միայն թագաւորին դէմ, հապա բոլոր իշխաններուն դէմ ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող բոլոր ժողովուրդներուն դէմ յանցանք գործեց. 17 Վասն զի թագուհիին ըրածը բոլոր կիներուն մէջ տարածուելով, անոնք իրենց այրերը պիտի անարգեն, ըսելով. ‘Ասուերոս թագաւորը հրամայեց, որ Վաշթի թագուհին իր առջեւ գայ, բայց անիկա չեկաւ’։ 18 Եւ այսօր թագուհիին ըրածը լսող Մարերու եւ Պարսիկներու տիկինները թագաւորին բոլոր իշխաններուն այսպէս պիտի ըսեն ու խիստ շատ անարգանք ու հակառակութիւն պիտի ծագի։ 19 Արդ՝ եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, իր կողմէ հրովարտակ մը հանուի եւ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքներուն մէջ դրուի, որպէս զի չփոխուի, որ Վաշթի անգամ մըն ալ Ասուերոս թագաւորին առջեւ չգայ ու թագաւորը անոր տիկնութիւնը անկէ աղէկ եղող ուրիշ կնոջ մը տայ։ 20 Ու երբ թագաւորին հրամանը լսուի իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ, որ շատ ընդարձակ է, բոլոր կիները, մեծէն մինչեւ պզտիկը իրենց այրերը պիտի պատուեն»։

21 Այս խօսքը թագաւորին ու իշխաններուն հաճոյ երեւցաւ ու թագաւորը Մեմուքանին ըսածին պէս ըրաւ։ 22 Թագաւորին բոլոր գաւառներուն, ամէն մէկ գաւառին իր գրովը ու ամէն մէկ ժողովուրդին իր լեզուովը նամակներ ղրկեց, որ ամէն մարդ իր տանը մէջ տէր ըլլայ ու իր ժողովուրդին լեզուովը խօսի։

ԵՍԹԵՐ ԹԱԳՈՒՀԻ Կ’ԸԼԼԱՅ

2 1 Երբ Ասուերոս թագաւորին բարկութիւնը իջաւ, Վաշթին ու անոր ըրածը ու անոր դէմ եղած վճիռը յիշեց։ Թագաւորին ծառայութիւն ընող սպասաւորները ըսին. «Թագաւորին համար գեղեցիկ կոյս աղջիկներ փնտռենք Ու թագաւորը իր թագաւորութեանը բոլոր գաւառներուն մէջ վերակացուներ թող դնէ, որպէս զի ամենէն գեղեցիկ կոյս աղջիկը ընտրեն ու Շուշան մայրաքաղաքը, կիներու տունը, թագաւորին ներքինիին, կիներու պահապան եղող Հեգէին ձեռքին տակ հաւաքեն ու անոնց մաքրութեանը համար պէտք եղած բաները տրուին։ Թագաւորին աչքին հաճոյ երեւցած աղջիկը Վաշթիին տեղ թագուհի ըլլայ»։ Այս խօսքը թագաւորին հաճելի եղաւ ու այնպէս ըրաւ։

Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հրեայ մարդ մը կար, որուն անունը Մուրթքէ էր, Բենիամինեան Կիսին որդիին Սեմէէին որդիին Յայիրին որդին էր։ Ասիկա Երուսաղէմէն գերի բերուած էր այն գերիներուն հետ, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գերած Յուդայի Յեքոնիա թագաւորին հետ բերուեցան։ Անիկա իր հօրեղբօրը աղջիկը Ադասսան, այսինքն Եսթերը, կը պահէր, վասն զի անիկա հայր ու մայր չունէր։ Այս աղջիկը գեղեցիկ դէմք ու վայելուչ կերպարանք մը ունէր եւ անոր հօրն ու մօրը մեռնելէն ետքը՝ Մուրթքէ զանիկա իբրեւ աղջիկ առեր էր իր քով։

Երբ թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը լսուեցաւ եւ Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հեգէի ձեռքին տակ շատ աղջիկներ հաւաքուեցան, Եսթեր ալ թագաւորին պալատը, կիներու պահապան եղող Հեգէին պահպանութեանը յանձնուեցաւ։ Աղջիկը անոր հաճելի եղաւ ու անոր առջեւ շնորհք գտաւ եւ շուտով անոր մաքրութեան համար պէտք եղած բաներն ու անոր ռոճիկը ու թագաւորին պալատէն անոր տրուելու համար պատրաստուած եօթը աղախինները տուաւ անոր եւ զանիկա իր աղախիններուն հետ կիներու տանը ամենէն աղէկ տեղը փոխադրեց։ 10 Եսթեր իր ազգն ու ծնունդը չյայտնեց. վասն զի Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր, որ չյայտնէ։ 11 Եւ Մուրթքէ ամէն օր կիներու տանը գաւիթին առջեւ կը պտըտէր, որպէս զի Եսթերին առողջութիւնն ու անոր ինչ ըլլալիքը իմանայ։

12 Երբ ամէն մէկ աղջկան կարգը կու գար Ասուերոս թագաւորին քով երթալու՝ կիներու սովորութեանը պէս տասներկու ամիսը լմննալէն ետքը, (որովհետեւ անոնց մաքրութեան օրերը այս կերպով, այսինքն վեց ամիս զմուռսի իւղով ու վեց ամիս անուշահոտ խունկերով ու կիներու մաքրութեանը վերաբերեալ բաներովը կը լմննար), 13 Աղջիկը թագաւորին քով կու գար. անիկա ինչ որ ուզէր՝ անոր կը տրուէր, որպէս զի իրեն հետ կիներու տունէն թագաւորին պալատը երթայ։ 14 Անիկա իրիկունը կ’երթար ու առաւօտուն կիներուն միւս տունը, հարճերուն պահապանը եղող թագաւորին ներքինիին Սաասգազին ձեռքին տակ կը դառնար։ Անիկա անգամ մըն ալ թագաւորին քով չէր երթար, բայց միայն՝ եթէ թագաւորը անոր հաւնէր ու անիկա անունով կանչուէր։

15 Թագաւորին քով երթալու կարգը Մուրթքէին հօրեղբօրը Աբիքէլին աղջկանը՝ Եսթերին գալով (զոր Մուրթքէ իրեն աղջիկ ըրեր էր), կիներու պահապանը եղող թագաւորին Հեգէ ներքինիին ըսածէն զատ ուրիշ բան չխնդրեց։ Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջեւ շնորհք գտաւ։ 16 Եսթեր Ասուերոս թագաւորին քով՝ անոր թագաւորական պալատը առնուեցաւ տասներորդ ամիսը, այսինքն Թէբէթ ամսուան մէջ, անոր թագաւորութեանը եօթներորդ տարին։ 17 Թագաւորը Եսթերը բոլոր կիներէն աւելի սիրեց ու անիկա անոր առջեւ բոլոր աղջիկներէն աւելի սէր ու շնորհք գտաւ եւ թագաւորական թագը անոր գլուխը դրաւ ու զանիկա Վաշթիին տեղ թագուհի ըրաւ։ 18 Թագաւորը իր բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն մեծ կոչունք տուաւ, այսինքն Եսթերի կոչունք ու գաւառներուն հանգստութիւն շնորհեց եւ թագաւորի վայել պարգեւներ տուաւ։

ՄՈՒՐԹՔԷ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՓՐԿԷ

19 Երբ երկրորդ անգամ աղջիկներ հաւաքեցին, Մուրթքէն թագաւորին դուռը կը նստէր։ 20 Եսթեր իր ծնունդն ու իր ազգը յայտնած չէր, ինչպէս Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր. վասն զի Մուրթքէին ըսածը կ’ընէր՝ անոր քով մեծցած ատենուան պէս։

21 Այն օրերը երբ Մուրթքէ թագաւորին դուռը կը նստէր, դրան պահապաններէն Բիգթան ու Թարէս, թագաւորին երկու ներքինիները, սրդողելով, Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել խորհեցան։ 22 Մուրթքէ այս բանը իմանալով՝ Եսթեր թագուհիին յայտնեց ու Եսթեր Մուրթքէին անունովը թագաւորին պատմեց։ 23 Այս բանը քննուելով ճշմարիտ գտնուեցաւ ու անոնց երկուքն ալ ծառէ մը կախուեցան ու թագաւորին ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուեցաւ։

ՀԱՄԱՆ ՀՐԵԱՆԵՐԸ ՋՆՋԵԼ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ

3 1 Այս բաներէն ետքը Ասուերոս թագաւորը Ագագացի Ամադաթայի որդին Համանը մեծցուց ու զանիկա բարձրացուց ու անոր աթոռը իրեն հետ եղող բոլոր իշխաններուն վերի կողմը դրաւ։ Եւ թագաւորին դուռը եղող թագաւորին բոլոր ծառաները ծնրադրութեամբ երկրպագութիւն կ’ընէին Համանին, վասն զի թագաւորը անոր համար այսպէս հրամայեր էր. բայց Մուրթքէ ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չէր ըներ։ Թագաւորին դուռը եղող՝ թագաւորին ծառաները Մուրթքէին ըսին. «Ինչո՞ւ համար դուն թագաւորին հրամանէն դուրս կ’ելլես»։ Անոնք ամէն օր անոր կ’ըսէին ու երբ անոնց մտիկ չըրաւ, այն ատեն Համանին իմացուցին, որպէս զի տեսնեն թէ Մուրթքէին բանը ո՞ւր պիտի հասնի. վասն զի անիկա իր Հրեայ ըլլալը անոնց իմացուցեր էր։ Երբ Համան տեսաւ թէ Մուրթքէ իրենց ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չ’ըներ, խիստ բարկացաւ Ու միայն Մուրթքէին ձեռք զարնելը անոր աչքին անարժէք երեւցաւ, քանի որ Մուրթքէին ազգը անոր իմացուցեր էին. Համան Մուրթքէին ազգը, այսինքն Ասուերոսի բոլոր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ։

Առաջին ամսուան, այսինքն Նիսան ամսուան մէջ Ասուերոս թագաւորին տասնըերկրորդ տարին մինչեւ տասնըերկրորդ ամիսը, այսինքն Ադար ամիսը, օրէ օր ու ամիսէ ամիս Համանին առջեւ Փուր, այսինքն վիճակ ձգեցին։

Համան Ասուերոս թագաւորին ըսաւ. «Քու թագաւորութեանդ բոլոր գաւառներուն մէջ՝ ժողովուրդներուն մէջ ցրուած ու տարածուած ազգ մը կայ։ Անոնց օրէնքները բոլոր ժողովուրդներուն օրէնքներէն տարբեր են, որով թագաւորին օրէնքները չեն կատարեր. ուստի չի վայլեր, որ թագաւորը անոնց թոյլտուութիւն ընէ։ Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, հրաման տրուի, որ զանոնք կորսնցնեն։ Ես պաշտօնատարներուն ձեռքը, թագաւորին գանձը բերելու համար, տասը հազար տաղանդ արծաթ կը կշռեմ կու տամ»։ 10 Այն ատեն թագաւորը իր ձեռքէն իր մատանին հանեց ու զանիկա Հրեաներու թշնամիին, Ագագացի Ամադաթայի որդիին Համանին տուաւ։ 11 Թագաւորը Համանին ըսաւ. «Այն արծաթը քեզի կու տամ ու այն ազգն ալ, որպէս զի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ընես անոնց»։

12 Առաջին ամսուան տասներեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու թագաւորին նախարարներուն ու բոլոր գաւառներուն վրայ եղող կուսակալներուն եւ ամէն գաւառի ամէն մէկ ժողովուրդին իշխաններուն իրենց գրովը ու ամէն ժողովուրդին իր լեզուովը Համանին հրամայածին պէս Ասուերոս թագաւորին անունովը գրուեցաւ ու թագաւորին մատանիովը կնքուեցաւ 13 Եւ սուրհանդակներու ձեռքով թագաւորին բոլոր գաւառները հրովարտակներ ղրկուեցան, որպէս զի մէկ օրուան մէջ, տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը, բոլոր Հրեաները, երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, նաեւ տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը իբրեւ աւար յափշտակեն։ 14 Ու հրովարտակին պատուէրը այնպէս էր՝ որ հրամանը ամէն մէկ գաւառի մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի որպէս զի այն օրուան համար պատրաստ գտնուին։ 15 Սուրհանդակները թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ ճամբայ ելան ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ եւ թագաւորը ու Համան խմելու նստան, սակայն Շուշան քաղաքը շփոթութեան մէջ էր։

ՄՈՒՐԹՔԷ ԵՍԹԵՐԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ

4 1 Երբ Մուրթքէ բոլոր եղածները իմացաւ, իր հանդերձները պատռեց, քուրձ հագաւ ու վրան մոխիր ցանեց ու քաղաքին հրապարակը ելլելով՝ մեծ ու ողբալի ձայնով աղաղակեց Ու թագաւորին դրանը առջեւ եկաւ կայնեցաւ. վասն զի քուրձ հագած մարդ մը չէր կրնար թագաւորին դռնէն ներս մտնել։ Բոլոր գաւառներուն մէջ, ուր որ թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները մեծ սուգ կ’ընէին, ծոմ կը պահէին, կու լային ու կ’ողբային եւ շատերը քուրձի ու մոխիրի վրայ կը պառկէին։

Եսթերին աղախիններն ու ներքինիները եկան անոր պատմեցին։ Թագուհին մեծապէս խռովեցաւ ու հանդերձներ ղրկեց, որ Մուրթքէին հագցնեն ու անոր վրայէն քուրձը հանեն. բայց անիկա չընդունեց։ Եսթեր Հաթաքը կանչեց, որ թագաւորին ներքինիներէն մէկն էր (զոր թագաւորը անոր սպասաւոր տուեր էր) ու անոր հրամայեց, որ Մուրթքէէն հասկնայ թէ այս ի՛նչ պիտի ըլլայ ու ինչո՛ւ համար է։ Հաթաք Մուրթքէին գնաց, որ թագաւորին դրանը առջեւի հրապարակին մէջ էր։ Մուրթքէ բոլոր իրեն պատահած բաները անոր յայտնեց, նաեւ Համանին սակարկութիւնը՝ որով թագաւորին գանձէն արծաթ տալ խոստացեր էր Հրեաներուն համար, որպէս զի զանոնք կորսնցնէ։ Զանոնք կորսնցնելու համար Շուշանի մէջ հրատարակուած հրովարտակէն օրինակ մը անոր տուաւ, որպէս զի Եսթերին ցուցնէ ու հասկցնէ եւ անոր պատուիրէ որ թագաւորին քով երթայ եւ անոր աղաչէ ու անոր առջեւ իր ազգին համար ազատում խնդրէ։ Հաթաք գնաց ու Մուրթքէին խօսքերը Եսթերին պատմեց։

10 Եսթեր Հաթաքին հետ խօսեցաւ ու հրամայեց, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանի. 11 «Թագաւորին բոլոր ծառաները ու թագաւորին գաւառներուն ժողովուրդները աղէկ գիտեն, որ այր կամ կին մարդ մը եթէ չկանչուած՝ թագաւորին ներքին գաւիթը մտնէ, զանիկա մեռցնելու համար օրէնք մը կայ։ Անիկա միայն կ’ապրի, որուն որ թագաւորը իր ոսկի գաւազանը երկնցնէ։ Հիմա երեսուն օր է, որ ես թագաւորին քով մտնելու կանչուած չեմ»։ 12 Եսթերին խօսքերը Մուրթքէին յայտնեցին։ 13 Մուրթքէ ըսաւ, որ Եսթերին այսպէս պատասխան տանին. «Դուն մի՛ կարծեր թէ թագաւորին տունը ըլլալովդ՝ բոլոր Հրեաներէն միայն դուն պիտի ազատիս։ 14 Վասն զի այս ժամանակին մէջ եթէ դուն լռես, Հրեաներուն ուրիշ տեղէ մը օգնութիւն ու ազատում պիտի գայ, բայց դուն ու քու հօրդ տունը պիտի կորսուիք եւ ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար թագուհի եղար»։

15 Ու Եսթեր ըսաւ, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանին. 16 «Գնա՛, Շուշանին մէջ եղող բոլոր Հրեաները հաւաքէ՛ ու ինծի համար ծոմ պահեցէք, գիշեր ցորեկ երեք օր մի՛ ուտէք ու մի՛ խմէք. նոյնպէս ալ ես իմ աղախիններովս ծոմ կը պահեմ ու այնպէս թագաւորին առջեւ կ’ելլեմ, թէպէտեւ օրէնքի դէմ է ու եթէ մեռնիմ՝ թող մեռնիմ»։ 17 Այն ատեն Մուրթքէ գնաց ու ըրաւ այն ամէնը, որ Եսթեր իրեն պատուիրեր էր։

ԵՍԹԵՐ՝ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՒ ՀԱՄԱՆԸ ԿՈՉՈՒՆՔԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

5 1 Երրորդ օրը Եսթեր իր թագաւորական զգեստները հագաւ ու թագաւորին տանը ներքին գաւիթին մէջ՝ թագաւորին տանը առջեւ կեցաւ։ Թագաւորը թագաւորական պալատին մէջ՝ պալատին դրանը առջեւ իր թագաւորական աթոռին վրայ նստեր էր։ Երբ թագաւորը Եսթեր թագուհին տեսաւ, որ գաւիթին մէջ կը կենար, Եսթեր շնորհք գտաւ անոր առջեւ եւ թագաւորը իր ձեռքը եղած ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց։ Եսթեր մօտեցաւ ու գաւազանին ծայրին դպաւ։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, քեզի ի՞նչ եղաւ եւ ուզածդ ի՞նչ է, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը քեզի պիտի տրուի»։ Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը հաճի, այսօր թագաւորը Համանին հետ իրեն ըրած կոչունքիս թող գայ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Շուտով Համանը կանչեցէք, որպէս զի Եսթերին ըսածը կատարէ»։ Թագաւորը Համանին հետ Եսթերին ըրած կոչունքին գնաց։

Երբ գինի կը խմէին, թագաւորը Եսթերին ըսաւ. «Ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի, ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։ Եսթեր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ աղաչանքս ու խնդիրքս այս է։ Եթէ թագաւորին առջեւ շնորհք գտայ ու եթէ թագաւորը կը հաճի իմ խնդիրքս շնորհել ու իմ աղաչանքս կատարել, թող թագաւորն ու Համան նորէն իրենց համար ընելու կոչունքիս գան ու վաղը թագաւորին խօսքին պէս ընեմ»։

ՀԱՄԱՆ ՄՈՒՐԹՔԷՆ ՄԵՌՑՆԵԼ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ

Համան այն օրը զուարթ եւ ուրախ սրտով դուրս ելաւ. բայց երբ Համան թագաւորին դրանը մէջ Մուրթքէն տեսաւ, որ ոտքի չէր ելլեր ու իր տեղէն չէր շարժեր, Համանին սիրտը շատ նեղացաւ Մուրթքէին համար, 10 Բայց Համան ինքզինք զսպելով իր տունը գնաց ու մարդ ղրկեց իր բարեկամներն ու կինը՝ Զերէսը՝ կանչել տուաւ։ 11 Համան պատմեց անոնց իր հարստութեանը փառքը ու իր որդիներուն շատութիւնը եւ այն ամէն բաները, որոնցմով թագաւորը զինք մեծցուցեր էր եւ թէ ի՛նչպէս իշխաններէն ու թագաւորին ծառաներէն աւելի բարձրացուցեր էր։ 12 Համան ըսաւ. «Նաեւ Եսթեր թագուհին թագաւորին հետ ինձմէ զատ մէ՛կը չհրաւիրեց իր պատրաստած կոչունքին ու վաղուան համար ալ զիս թագաւորին հետ հրաւիրեց։ 13 Բայց այս ամենէն բնաւ գոհ չեմ, քանի որ Հրեայ Մուրթքէն թագաւորին դուռը նստած կը տեսնեմ»։ 14 Անոր կինը Զերէս ու անոր բոլոր բարեկամները անոր ըսին. «Յիսուն կանգուն բարձրութեամբ փայտ մը թող շինուի ու վաղը առտու թագաւորին ըսէ, որ Մուրթքէն անոր վրայ կախուի եւ դուն թագաւորին հետ ուրախ սրտով կոչունքին գնա»։ Այս խօսքը Համանին հաճոյ երեւցաւ ու փայտը պատրաստեց։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՄՈՒՐԹՔԷՆ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ

6 1 Այն գիշերը թագաւորին քունը փախաւ ու հրամայեց, որ դիպուածները պատմող յիշատակներու գիրքը բերեն ու թագաւորին առջեւ կարդան։ Ու հոն գրուած գտնուեցաւ թէ Մուրթքէ՝ դրանը պահպանութիւն ընող՝ թագաւորին երկու ներքինիներուն, Բիգթանին ու Թարէսին, համար իմացուցեր էր, թէ անոնք Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել ուզեր էին։ Թագաւորը ըսաւ. «Ասոր փոխարէն ի՞նչ պատիւ կամ մեծութիւն տրուեցաւ Մուրթքէին»։ Ու թագաւորին ծառայութիւն ընող պատանիները ըսին. «Անոր բան մը չեղաւ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Գաւիթը ո՞վ կայ» (ու Համան թագաւորին պալատին դուրսի գաւիթը եկեր էր թագաւորին խօսելու, որ Մուրթքէն կախէ այն փայտին վրայ, որ ինք անոր համար պատրաստեր էր)։ Թագաւորին պատանիները անոր ըսին. «Ահա Համան գաւիթը կը սպասէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Թող ներս գայ»։

Երբ Համան ներս մտաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ի՞նչ ընել պէտք է այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ»։ Համան իր սրտին մէջ ըսաւ. «Թագաւորը ինձմէ զատ ուրիշ որո՞ւ պատիւ ընել պիտի ուզէ»։ Համան ըսաւ թագաւորին. «Այն մարդուն համար, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ, Թագաւորին հագած թագաւորական զգեստն ու թագաւորին հեծած ձին ու անոր գլուխը դրուած թագաւորական թագը թող բերեն. Զգեստն ու ձին թագաւորին խիստ պատուաւոր իշխաններէն մէկուն ձեռքը թող տրուի ու հագցնեն այն մարդուն՝ որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ ու ձիուն վրայ հեծցնեն եւ քաղաքին փողոցին մէջէն անցընեն ու առջեւէն կանչեն ու ըսեն՝ ‘Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն՝ որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ’»։ 10 Այն ատեն թագաւորը Համանին ըսաւ. «Շուտով ըսածիդ պէս զգեստն ու ձին առ ու թագաւորին դուռը նստող Հրեայ Մուրթքէին ըսածիդ պէս ըրէ. քու ըսածէդ բնաւ բան մը պակաս չըլլայ»։

11 Համան զգեստն ու ձին առաւ ու զգեստը Մուրթքէին հագցնելով՝ զանիկա ձիուն վրայ հեծցուց եւ քաղաքին փողոցէն անցուց ու առջեւէն կը կանչէր՝ «Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ»։ 12 Եւ Մուրթքէ թագաւորին դուռը դարձաւ. բայց Համան տրտում ու գլուխը ծածկած՝ շուտով իր տունը քաշուեցաւ։ 13 Համան իր կնոջ Զերէսին ու բոլոր բարեկամներուն պատմեց ամէն ինչ որ իր գլխուն եկած էր։ Անոր իմաստուններն ու անոր կինը Զերէս անոր ըսին. «Եթէ Մուրթքէ (որուն առջեւ դուն իյնալու սկսար) Հրեաներու ազգէն է, դուն անոր պիտի չյաղթես, հապա անոր առջեւ անշուշտ պիտի իյնաս»։ 14 Երբ անոնք տակաւին անոր հետ կը խօսէին, թագաւորին ներքինիները հասան, որպէս զի Համանը շուտով Եսթերին պատրաստած կոչունքին տանին։

ՀԱՄԱՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ

7 1 Թագաւորը Համանին հետ Եսթեր թագուհիին քով կոչունքի գնաց։ Թագաւորը երկրորդ օրն ալ գինի խմելու ատեն Եսթերին ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի եւ ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։

Եսթեր թագուհին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ո՛վ թագաւոր ու եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, խնդիրքովս իմ հոգիս ու աղաչանքովս իմ ազգս ինծի տրուի. Վասն զի թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ ազգս կոտորուելու, մեռնելու ու բնաջինջ ըլլալու ծախուեցանք ու եթէ ծառայ ու աղախին ըլլալու ծախուէինք, բան մը չէի խօսեր. թէպէտեւ թշնամին թագաւորին քաշած վնասը չէր կրնար հատուցանել»։

Ասուերոս թագաւորը խօսեցաւ ու Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Ո՞վ է անիկա եւ ո՞ւր է անիկա, որ այս բանը ընելու համարձակեցաւ»։ Եսթեր ըսաւ. «Հակառակորդն ու թշնամին այս չար Համանն է»։ Ու Համան թագաւորին ու թագուհիին երեսէն խիստ վախցաւ։

Թագաւորը գինի խմելէն բարկութեամբ ելաւ, պալատին պարտէզը գնաց. բայց Համան հոն մնաց, որպէս զի իր անձին համար Եսթեր թագուհիին աղաչէ. վասն զի տեսաւ, որ իր վրայ չարիքը հասած է թագաւորէն։

Թագաւորը երբ պալատին պարտէզէն կոչունքին սենեակը դարձաւ, Համան Եսթերին եղած բազմոցին վրայ ինկած էր ու թագաւորը ըսաւ. «Միթէ իմ տանս մէջ իմ քովս թագուհի՞ն ալ պիտի բռնաբարէ»։ Այս խօսքը թագաւորին բերնէն ելածին պէս Համանին երեսը ծածկեցին։ Այն ատեն Արբոնա, ներքինիներէն մէկը, թագաւորին առջեւ ըսաւ. «Ահա այն յիսուն կանգուն բարձր փայտը, որ Համան թագաւորին բարերարութիւն ընող Մուրթքէին համար պատրաստեց, Համանի տանը մէջ կը կենայ»։ Ու թագաւորը ըսաւ. «Զանիկա անոր վրայ կախեցէ՛ք»։ 10 Եւ Համանը Մուրթքէին համար պատրաստած փայտին վրայ կախեցին։ Այն ատեն թագաւորին բարկութիւնը իջաւ։

ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԸ ԿԸ ԽԱՓԱՆՈՒԻ

8 1 Այն օրը Ասուերոս թագաւորը Հրեաներու թշնամիին Համանին տունը Եսթեր թագուհիին պարգեւեց ու Մուրթքէն թագաւորին առջեւ եկաւ, վասն զի Եսթեր թագաւորին յայտներ էր թէ անիկա իրեն ի՛նչ ազգական էր։ Եւ թագաւորը առաւ իր մատանին, որ Համանէն հաներ էր ու զանիկա Մուրթքէին տուաւ ու Եսթեր Համանին տանը վրայ դրաւ Մուրթքէն։

Եսթեր նորէն թագաւորին առջեւ խօսեցաւ ու անոր ոտքերը ինկաւ եւ լալով անոր աղաչեց որ Ագագացի Համանին չարութիւնը ու Հրեաներուն դէմ պատրաստած ծրագիրը խափանէ։ Թագաւորը ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց ու Եսթեր ելաւ ու թագաւորին առջեւ կայնեցաւ Ու ըսաւ. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ ու ես քու առջեւդ շնորհք գտայ ու եթէ այս բանը թագաւորին առջեւ ուղիղ կ’երեւնայ ու ես քու աչքերուդ հաճոյ եմ, թող գրուի որ Ագագացի Ամադաթային որդիին Համանին ծրագիրը, այսինքն թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող Հրեաները կորսնցնելու համար անոր գրած հրովարտակները, խափանուին։ Վասն զի իմ ժողովուրդիս վրայ գալու չարիքը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել. իմ ազգականներուս կորուստը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել»։

Ասուերոս թագաւորը Եսթեր թագուհիին ու Հրեայ Մուրթքէին ըսաւ. «Ահա Համանին տունը Եսթերին պարգեւեցի ու զանիկա փայտի վրայ կախեցին՝ Հրեաներուն վրայ ձեռք երկնցնելուն համար։ Եւ դուք Հրեաներուն համար ձեզի հաճոյ երեւցածը թագաւորին անունովը գրեցէք ու թագաւորին մատանիովը կնքեցէ՛ք. վասն զի թագաւորին անունովը գրուած ու թագաւորին մատանիովը կնքուած հրովարտակը չի խափանուիր»։

Այն ատեն երրորդ ամսուան, այսինքն Սիվան ամսուան, քսանըերեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու Հրեաներուն ու Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա եղող գաւառներուն, հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն, նախարարներուն եւ կուսակալներուն ու իշխաններուն, ամէն գաւառին իր գրովը ու ամէն ազգին իր լեզուովը ու Հրեաներուն իրենց գրովը ու լեզուովը գրուեցաւ՝ Մուրթքէին բոլոր հրամայածին պէս։ 10 Ասուերոս թագաւորին անունովը գրեց ու թագաւորին մատանիովը կնքեց եւ ձիերու, նժոյգներու ու մատակ ձիերու, ջորիներու վրայ հեծած սուրհանդակներով հրովարտակներ ղրկեց, 11 Որոնցմով թագաւորը բոլոր քաղաքներու Հրեաներուն հրաման տուաւ որ հաւաքուին ու իրենց կեանքը պաշտպանեն եւ իրենց վրայ յարձակող ազգին ու գաւառին բոլոր մարդիկը, տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը յափշտակեն։ 12 Մէկ օրուան մէջ՝ Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ, տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը։ 13 Հրովարտակին պատուէրը այս էր, որ հրամանը ամէն մէկ գաւառին մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի Հրեաները նոյն օրը իրենց թշնամիներէն վրէժ առնելու պատրաստ ըլլան։ 14 Սուրհանդակները նժոյգներու ու ջորիներու վրայ հեծան ու թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ արտորացին ճամբայ ելլելու ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ։

15 Մուրթքէն ելաւ թագաւորին առջեւէն՝ կապուտակէ ու ճերմակ բեհեզէ թագաւորական զգեստով եւ ոսկիէ մեծ թագով ու բեհեզեղէն ու ծիրանի պատմուճանով եւ Շուշան քաղաքը ուրախացաւ ու ցնծութիւն ըրաւ։ 16 Հրեաները լոյս, ուրախութիւն, ցնծութիւն ու պատիւ ունեցան։ 17 Բոլոր գաւառներուն մէջ ու բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ ուր թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները ուրախութիւն ու ցնծութիւն ունեցան եւ կոչունքի ու տօնախմբութեան օր ըրին ու երկրին ժողովուրդներէն շատերը Հրեայ եղան, վասն զի անոնց վրայ Հրեաներուն վախը ինկաւ։

ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ԿԸ ՋԱՐԴԵՆ

9 1 Տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը թագաւորին խօսքին ու հրամանին կատարուելու ժամանակը հասնելով՝ մինչ Հրեաներուն թշնամիները կը յուսային անոնց վրայ տիրել, ներհակը պատահեցաւ. վասն զի Հրեաները իրենց թշնամիներուն վրայ տիրեցին։ Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ Հրեաները իրենց քաղաքներուն մէջ հաւաքուեցան, որպէս զի իրենց չարիք ուզողներուն վրայ ձեռք երկնցնեն ու ամենեւին մէկը չկրցաւ անոնց դէմ կենալ, վասն զի անոնց վախը բոլոր ժողովուրդներուն վրայ ինկեր էր։ Գաւառներուն բոլոր իշխաններն ու նախարարները եւ կուսակալներն ու թագաւորին գործակալները Հրեաներուն ձեռնտու էին. վասն զի անոնց վրայ Մուրթքէին վախը ինկեր էր։ Քանզի Մուրթքէ թագաւորին պալատին մէջ մեծ էր ու անոր համբաւը բոլոր գաւառները տարածուեր էր. վասն զի Մուրթքէ երթալով կը մեծնար։ Հրեաները իրենց բոլոր թշնամիները սրով մեռցուցին ու խիստ մեծ կոտորած ըրին ու զիրենք ատողներուն իրենց ուզածին պէս ըրին։ Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ մեռցուցին. Նաեւ Փարսանդաթանը, Դազփոնը, Ասփաթան, Փորաթանը, Ադալիան, Արիդաթան, Փարմասթան, Արիսային, Արիդային ու Վայեզաթան, 10 Հրեաներու թշնամիին, Ամադաթայի որդիին Համանին, տասը տղաքները մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։ 11 Այն օրը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ մեռցուածներուն հաշիւը թագաւորին առջեւ եկաւ։

12 Թագաւորը Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ ու Համանին տասը տղաքը մեռցնելով կորսնցուցին. թագաւորին միւս գաւառներուն մէջ ինչե՜ր ըրած պիտի ըլլան. հիմա ի՞նչ է խնդիրքդ. պիտի տրուի քեզի. ալ ի՞նչ աղաչանք ունիս. պիտի կատարուի»։ 13 Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը կը հաճի, Շուշանի մէջ եղող Հրեաներուն հրաման տրուի, որ վաղն ալ այս օրուան հրովարտակին համեմատ ընեն ու Համանի տասը տղաքը փայտի վրայ կախուին»։ 14 Թագաւորը ըսաւ, որ այնպէս ըլլայ ու Շուշանի մէջ հրամանը հրատարակուեցաւ ու Համանին տասը տղաքը կախուեցան։ 15 Շուշանի մէջ եղող Հրեաները Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրն ալ հաւաքուեցան ու Շուշանի մէջ երեք հարիւր մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։ 16 Եւ թագաւորին գաւառներուն մէջ եղող միւս Հրեաները հաւաքուեցան ու իրենց կեանքը պաշտպանեցին եւ իրենց թշնամիներէն հանգստացան ու զիրենք ատողներէն եօթանասունըհինգ հազար մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։ 17 Ասիկա Ադար ամսուան տասնըերեքերորդ օրը եղաւ եւ անոր տասնըչորրորդ օրը հանգստացան ու զանիկա կոչունքի եւ ուրախութեան օր ըրին։ 18 Իսկ Շուշանի մէջ եղող Հրեաները այն ամսուան տասնըերեքերորդ օրը ու տասնըչորրորդ օրը հաւաքուեցան ու տասնըհինգերորդ օրը հանգստացան ու զանիկա կոչունքի եւ ուրախութեան օր ըրին։ 19 Այս պատճառով գիւղացի Հրեաները անպարիսպ գիւղաքաղաքներու մէջ բնակողները, Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրը ուրախութեան, կոչունքի ու տօնախմբութեան օր կ’ընեն ու այն օրը ամէն մարդ իր բարեկամին ընծաներ կը ղրկէ։

20 Մուրթքէ այս բաները գրեց ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ մօտ ու հեռու եղող բոլոր Հրեաներուն թուղթեր ղրկեց, 21 Պատուիրելով անոնց, որ ամէն տարի Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրը ու անոր տասնըհինգերորդ օրը տօն կատարեն 22 (Քանի որ այդ օրերուն Հրեաները իրենց թշնամիներէն հանգստացան եւ այդ ամսուան անոնց տրտմութիւնը՝ ուրախութեան ու անոնց սուգը ցնծութեան փոխուեցաւ), զանոնք կոչունքի եւ ուրախութեան օրեր ընեն, որոնց մէջ ամէն մարդ իր բարեկամին՝ ընծաներ ու աղքատներուն պարգեւներ ղրկեն։ 23 Հրեաները խոստացան իրենց սկսածին ու Մուրթքէին իրենց գրածին պէս ընել։ 24 Վասն զի բոլոր Հրեաներուն թշնամին Ագագացի Ամադաթայի որդին Համան Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ ու զանոնք բնաջինջ ընելու եւ կորսնցնելու համար Փուր, այսինքն վիճակ ձգեց։ 25 Բայց երբ Եսթերը թագաւորին առջեւ գնաց, թագաւորը հրովարտակով հրամայեց, որ Հրեաներուն դէմ Համանի ըրած չար ծրագիրը իրեն գլուխը դառնայ եւ զանիկա ու անոր տղաքը փայտի վրայ կախեն։ 26 Ասոր համար այն օրերը Փուր անունէն Փուրիմ ըսուեցան եւ այս պատճառով այս թուղթին խօսքերուն համար, անոնց տեսած ու անոնց պատահած բաներուն համար 27 Հրեաները որոշեցին ու իրենց եւ իրենց սերունդին ու բոլոր իրենց միացողներուն օրէնք դրին, որ ամէն տարի այն երկու օրը։ Իրենց տրուած թելադրանքներուն համաձայն, անպատճառ տօն պահեն։ 28 Այս օրերը ամէն դարու մէջ, ամէն ազգատոհմի մէջ, ամէն գաւառի մէջ ու ամէն քաղաքի մէջ թող յիշուին ու պահուին եւ այս Փուրիմի օրերը Հրեաներէն յիշուին ու անոնց յիշատակը իրենց սերունդէն չվերնայ։

ՓՈՒՐԻՄԻՆ ՏՕՆԸ

29 Աբիքէլի աղջիկը Եսթեր թագուհին ու Հրեայ Մուրթքէն Փուրիմը հաստատելու համար այս երկրորդ նամակը կատարեալ իշխանութեամբ գրեցին. 30 Ասուերոսի թագաւորութեան հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն՝ խաղաղութեան ու հաւատարմութեան խօսքերով թուղթեր ղրկեցին, 31 Որ այս Փուրիմի օրերը իրենց որոշ ժամանակին մէջ հաստատեն, ինչպէս Հրեայ Մուրթքէն ու Եսթեր թագուհին անոնց պատուիրեցին ու ինչպէս Հրեաները իրենց համար ու իրենց սերունդին համար ծոմապահութեան ու իրենց աղաղակին վերաբերեալ բաները հաստատեցին։ 32 Այսպէս Եսթերի հրամանը այս Փուրիմին պահպանութիւնը հաստատեց ու գրքի մէջ գրուեցաւ։

ԱՍՈՒԵՐՈՍԻ ՄԵԾՆԱԼԸ ԵՒ ՄՈՒՐԹՔԷԻ ՅԱՌԱՋԱՆԱԼԸ

10 1 Ասուերոս թագաւորը ցամաք երկիրներու վրայ ու ծովու կղզիներուն վրայ տուրք դրաւ։ Անոր քաջութեանը բոլոր գործերը ու զօրութիւնը եւ Մուրթքէի մեծութեանը փառքը, որով թագաւորը զանիկա մեծցուց, ահա Մարերու եւ Պարսիկներու թագաւորներուն ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուած են։ Վասն զի Հրեայ Մուրթքէն Ասուերոս թագաւորին երկրորդն էր ու Հրեաներուն մէջ՝ մեծ ու իր եղբայրներուն հաճոյ էր. իր ազգին աղէկութիւնը կը փնտռէր եւ իր բոլոր սերունդին խաղաղութեանը վերաբերեալ բաներ կը խօսէր։