ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԱՄԲԱԿՈՒՄԱՅ

1 1 Ամբակում մարգարէին յայտնուած պատգամը։

ԱՄԲԱԿՈՒՄ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ

 Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես

Եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես։

 Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես

Եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես։

Իմ առջեւս յափշտակութիւն եւ զրկանք կայ

Եւ դատ ու վէճ հանող կայ։

 Անոր համար օրէնքը կը խափանուի

Ու իրաւունքը չի գործադրուիր,

Քանի որ անօրէնը արդարը կը շրջապատէ,

Այս պատճառով դատաստանը ծուռ կ’ըլլայ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ

 Ազգերուն նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք

Եւ զարմանալով ապշեցէ՛ք,

Վասն զի ձեր օրերուն մէջ այնպիսի գործ մը պիտի կատարեմ,

Որ եթէ ձեզի պատմուի, պիտի չհաւատաք։

 Քանզի ահա ես պիտի արթնցնեմ Քաղդէացիները,

Այն դառն ու արագընթաց ազգը,

Որ իրենը չեղող բնակութիւններուն տիրելու համար՝

Ամբողջ երկիրը կը պտըտի։

 Անիկա սոսկալի եւ ահարկու է,

Անոր դատաստանն ու իշխանութիւնը իրեն կը պատկանին։

 Անոր ձիերը ինձերէն աւելի արագաշարժ են

Ու գայլերէն աւելի կատաղի։

Անոր ձիաւորները պիտի ցատկեն,

Անոր ձիաւորները հեռուէն պիտի գան,

Կերակուրի վրայ սուրացող արծիւի պէս պիտի թռչին։

 Անոնք զրկանքի համար պիտի գան,

Գունդերուն երեսները դէպի յառաջ պիտի ըլլան

Ու աւազի պէս գերիներ պիտի հաւաքեն։

10 Անիկա թագաւորները ծաղր պիտի ընէ,

Իշխանները անոր խաղալիկ պիտի ըլլան։

Անիկա ամէն պարսպի վրայ պիտի խնդայ,

Վասն զի հող պիտի դիզէ ու զանիկա պիտի առնէ։

11 Այն ատեն անոր միտքը պիտի փոխուի ու պիտի հպարտանայ

Եւ իր զօրութիւնը իր աստուծոյն սեպելով՝ յանցաւոր պիտի ըլլայ։

ԱՄԲԱԿՈՒՄ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ

12 Միթէ դուն յաւիտենական չե՞ս, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, իմ Սուրբս։

Պիտի չմեռնինք։

Ո՜վ Տէր, զանիկա դատաստանի համար որոշեցիր։

Ո՜վ Վէմ, զանիկա յանդիմանելու համար հաստատեցիր։

13 Դո՛ւն, որուն աչքերը չարութիւն տեսնելէն մաքուր են

Ու անիրաւութեան նայելու կարող չեն,

Նենգաւորներուն ինչո՞ւ կը նայիս,

Երբ ամբարիշտը իրմէ արդարը կը կլլէ ինչո՞ւ կը լռես։

14 Մարդը ծովու ձուկերու պէս կ’ընես,

Սողուններու պէս՝ որոնք իրենց վրայ տիրող չունին։

15 Անոնց ամէնքը կարթով կը հանէ։

Զանոնք իր ուռկանովը կը բռնէ։

Զանոնք իր ցանցովը կը հաւաքէ,

Անոր համար կ’ուրախանայ ու կը ցնծայ։

16 Անոր համար իր ուռկանին զոհ կը մատուցանէ

Ու իր ցանցին խունկ կը ծխէ,

Վասն զի անոնցմով իր բաժինը՝ գէր

Ու իր կերակուրը պարարտ կ’ըլլայ։

17 Արդեօք այս պատճառով իր ուռկանը պիտի պարպէ՞

Ու ազգերը կոտորելէն պիտի չդադարի՞։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԱՄԲԱԿՈՒՄԻՆ

2 1 Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ

Ու պարսպին վրայ պիտի կայնիմ։

Պիտի սպասեմ, որ տեսնեմ թէ ինծի հետ ի՞նչ պիտի խօսի

Եւ թէ իմ կրած յանդիմանութեանս համար ի՛նչ պատասխան պիտի տամ։

 Տէրը ինծի պատասխան տուաւ ու ըսաւ.

«Տեսիլքը գրէ՛ ու տախտակներու վրայ յայտնի նշանակէ,

Որպէս զի զանիկա կարդացողը համարձակ կարդայ։

 Քանզի տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է,

Բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ.

Եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ,

Քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ։

 Ահա հպարտ մարդուն հոգին իր ներսիդին ուղիղ չէ,

Բայց արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի։

ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՃԻՌԸ

 Գինին կը կատղեցնէ,

Հպարտ մարդը հանդարտ չի կենար,

Քանզի իր հոգին գերեզմանի պէս կը լայնցնէ

Ու մահուան պէս ըլլալով՝ չի կշտանար։

Հապա բոլոր ազգերը իրեն կը հաւաքէ

Ու բոլոր ժողովուրդները իր քով կը գումարէ։

 Միթէ անոնք բոլորը ծաղրանքի առարկայ պիտի չըլլա՞ն

Ու անոր համար ծաղրական խօսքեր պիտի չըսե՞ն։

«Վա՜յ անոր, որ իրենը չեղածը կը շատցնէ

(Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ)

Ու իր վրայ գրաւներ կը բեռցնէ»։

 Միթէ յանկարծ քեզ խածնողներ պիտի չելլե՞ն,

Քեզի նեղութիւն տուողներ պիտի չարթննա՞ն,

Դուն անոնց աւար պիտի չըլլա՞ս։

 Որովհետեւ դուն շատ ազգեր կողոպտեցիր,

Քեզ ալ ժողովուրդներուն բոլոր մնացորդները պիտի կողոպտեն՝

Մարդոց արիւններուն

Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար։

 Վա՜յ անոր, որ իր տանը համար ագահութեամբ կը վաստկի,

Որպէս զի իր բոյնը բարձր տեղ դնէ,

Չարին ձեռքէն ազատելու համար։

10 Շատ ժողովուրդներ կոտորելով

Քու տանդ վրայ անարգանք բերիր

Եւ քու հոգիիդ դէմ մեղք գործեցիր։

11 Քանզի քարը պատէն պիտի աղաղակէ

Ու գերանը շէնքին փայտերուն մէջէն պատասխան պիտի տայ անոր։

12 Վա՜յ անոր, որ արիւններով քաղաք կը շինէ

Ու անիրաւութեամբ աւան կը հաստատէ։

13 Ահա ասիկա զօրքերու Տէրոջմէն չէ՞,

Որ ժողովուրդները կրակի համար կ’աշխատին

Ու ազգերը պարապ տեղ կը յոգնին։

14 Քանզի երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի,

Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։

15 Վա՜յ քեզի, որ քու ընկերիդ գինի կը խմցնես,

Եւ արբեցուցիչ ըմպելին առատ կը բաշխես,

Որ ուրիշներն ալ գինովցնես,

Որպէս զի անոնց մերկութիւնը տեսնես։

16 Փառքէն աւելի ամօթով կշտացար,

Դուն ալ խմէ՛ ու մերկացի՛ր։

Տէրոջը աջ ձեռքին բաժակը քեզի պիտի դառնայ

Եւ քու փառքիդ վրայ անարգանք պիտի գայ։

17 Քանզի Լիբանանի զրկանքը քեզ պիտի ծածկէ։

Գազաններուն յափշտակութիւնը պիտի վախցնէ՝

Մարդոց արիւններուն

Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար։

18 Ի՞նչ օգուտ ունի արհեստագէտին քանդակած կուռքը,

Ձուլածոյ կուռքը եւ ստութիւն սորվեցնողը,

Որ շինողը իր շինած բանին ապաւինի,

Երբ համր կուռքեր կը շինէ։

19 Վա՜յ անոր, որ փայտին կ’ըսէ՝ ‘Արթնցի՛ր’

Եւ համր քարին՝ ‘Ելի՛ր’.

Միթէ անիկա բան մը պիտի սորվեցնէ՞.

Ահա անիկա ոսկիով ու արծաթով պատուած է

Եւ անոր մէջ ամենեւին հոգի չկայ։

20 Սակայն Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է.

Անոր երեսին առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ երկիր։

ԱՄԲԱԿՈՒՄԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

3 1 Շիկիօնօթի վրայ, Ամբակում մարգարէին աղօթքը։

 Ո՛վ Տէր, քու լուրդ լսեցի ու վախցայ։

Քու գործդ տարիներու մէջ նորոգէ՛, ո՛վ Տէր,

Տարիներու մէջ գիտցուր,

Բարկութեան մէջ ողորմութիւն յիշէ՛։

 Աստուած Թեմանէն եկաւ

Ու Սուրբը՝ Փառան լեռնէն (Սէլա)։

Անոր փառքը երկինքը ծածկեց,

Երկիր անոր գովութիւնովը լեցուեցաւ։

 Եւ անոր պայծառութիւնը լոյսի պէս էր.

Անոր ձեռքէն ճառագայթներ կ’ելլէին,

Անոր զօրութեանը ծածկոյթը հոն էր։

 Անոր առջեւէն ժանտախտը կ’երթար

Եւ անոր ոտքերուն ետեւէն՝ հրատագնապ տենդը կ’ելլէր։

 Անիկա կայնեցաւ ու երկիրը չափեց,

Նայեցաւ ու ազգերը դողացուց։

Յաւիտենական լեռները փշրուեցան

Եւ վաղեմի բլուրները խոնարհեցան։

Անիկա յաւիտենական ճամբաներ ունի։

 Քուշանին վրանները նեղութեան տակ տեսայ,

Մադիամի երկրին վրանները դողացին։

 Միթէ գետերուն բարկացա՞ւ Տէրը,

Քու սրտմտութիւնդ գետերուն վրա՞յ էր,

Բարկութիւնդ ծովուն վրա՞յ էր,

Որ քու ձիերդ ու փրկութեան կառքերդ հեծար։

 Քու աղեղդ բոլորովին մերկացաւ,

Իսրայէլի ցեղերուն ըրած երդումներուդ ու քու խօսքիդ պէս (Սէլա).

Երկիրը գետերով պատռեցիր։

10 Լեռները քեզ տեսան ու դողացին,

Հեղեղը անցաւ,

Անդունդը իր ձայնը տուաւ

Ու ձեռքերը վեր վերցուց։

11 Արեւն ու լուսինը իրենց կարգին մէջ կայնեցան,

Անոնք քու նետերուդ լոյսովը

Եւ քու շողշողուն նիզակիդ պայծառութիւնովը քալեցին։

12 Երկրին վրայ սրտմտութեամբ պտըտեցար

Ու բարկութեամբ ազգերը կոխեցիր։

13 Քու ժողովուրդիդ՝ փրկութեանը համար,

Քու օծեալիդ փրկութեանը համար ելար.

Անօրէնին տանը գլուխը ճզմեցիր՝

Հիմը մինչեւ պարանոցը բանալով (Սէլա)։

14 Իրենց գաւազաններովը իրենց գլխաւորներուն գլուխը խորտակեցիր,

Զիս ցրուելու համար փոթորիկի պէս ելան,

Անոնց ուրախութիւնը տնանկը գաղտուկ ուտելու պէս էր։

15 Քու ձիերովդ՝ ծովուն վրայ,

Շատ ջուրերուն խռովութեանը վրայ քալեցիր։

16 Լսեցի ու սիրտս սարսափեցաւ,

Ձայնէն շրթունքներս դողացին։

Ոսկորներուս մէջ փտութիւն մտաւ

Ու եղած տեղս սարսափեցայ։

Հանգստութեամբ սպասեցի նեղութեան օրուան,

Երբ ան ելլէ իր գունդերովը յարձակի իմ ժողովուրդիս վրայ։

17 Թէեւ թզենին ընձիւղ չտայ,

Որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ,

Ձիթենիին բերքը ստէ,

Արտերը կերակուր չտան,

Փարախէն ոչխարը պակսի,

Գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ,

18 Սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ,

Իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ։

19 Տէր Եհովան իմ զօրութիւնս է,

Որ իմ ոտքերս եղնիկի ոտքերուն պէս պիտի ընէ

Եւ զիս իմ բարձր տեղերուս վրայ պիտի պտըտցնէ։

Գլխաւոր երաժշտին՝ իմ նուագած նուագարաններուս վրայ։