ԳԻՐՔ ՍԱՂՄՈՍԱՑ

ԳԻՐՔ ՍԱՂՄՈՍԱՑ

ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

1 1 Երանելի է այն մարդը,

Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր,

Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար,

Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր.

 Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է,

Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։

 Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ,

Որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ.

Ու անոր տերեւը պիտի չթափի,

Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։

 Այսպէս չեն ամբարիշտները,

Հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը ցրուէ։

 Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ,

Ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն ժողովին մէջ։

 Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան,

Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

2 1 Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ’ընեն

Ու ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն,

 Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն

Ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն

Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ,

 Ըսելով. «Կոտրե՛նք անոնց կապերը,

Ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը»։

 Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։

Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։

 Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց

Եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով.

 «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս

Իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։

 Հրամանը պիտի պատմեմ։

Տէրը ինծի ըսաւ.

«Դո՛ւն իմ որդիս ես,

Ես այսօր քեզ ծնայ։

 Խնդրէ՛ ինձմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ

Ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։

 Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես,

Բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։

10 Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք,

Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։

11 Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը,

Ու դողալով անկէ վախցէ՛ք։

12 Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ

Ու ճամբուն մէջ չկորսուիք,

Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։

Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան։

ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի, իր որդիին Աբիսողոմին երեսէն փախած ժամանակը

3 1 Ո՛վ Տէր, իմ թշնամիներս որչա՜փ շատցան։

Իմ վրաս ելլողները շատուոր են։

 Շատերը իմ անձիս համար կ’ըսեն թէ՝

«Ասոր փրկութիւն չկայ Աստուծմէն»։ (Սէլա։)

 Բայց, ո՛վ Տէր, դուն ես իմ ասպարս,

Իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը։

 Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի

Ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց։ (Սէլա։)

 Ես պառկեցայ ու քնացայ.

Արթնցայ, վասն զի Տէրը զիս պաշտպանեց։

 Ես պիտի չվախնամ բիւրաւոր ժողովուրդներէն,

Որոնք իմ չորս կողմս պատեցին։

 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, զիս փրկէ, ո՛վ իմ Աստուածս,

Վասն զի դուն զարկիր իմ բոլոր թշնամիներուս թուշը։

Ամբարիշտներուն ակռաները փշրեցիր։

 Փրկութիւնը Տէրոջն է։

Քու օրհնութիւնդ քու ժողովուրդիդ վրայ է։ (Սէլա։)

ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

4 1 Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։

Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր.

Ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս։

 Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք

Եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։)

 Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց։

Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։

 Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք.

Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։)

 Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք,

Ու Տէրոջը յուսացէ՛ք։

 Շատեր կ’ըսեն թէ՝ «Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ»։

Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր։

 Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝

Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։

 Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ,

Վասն զի դո՛ւն միայն, ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

5 1 Ո՛վ Տէր, ականջ դիր իմ խօսքերուս,

Միտքդ առ իմ աղաղակս։

 Իմ կանչելուս ձայնին մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ Թագաւորս ու Աստուածս,

Վասն զի ես քեզի կ’աղաչեմ։

 Ո՛վ Տէր, առտուն պիտի լսես իմ ձայնս.

Առտուն պատրաստ պիտի ըլլամ քեզի ու սպասեմ։

 Վասն զի դուն անօրէնութիւն ուզող Աստուած չես.

Չարը քու քովդ պիտի չբնակի։

 Հպարտները քու աչքերուդ առջեւ պիտի չկենան.

Բոլոր անօրէնութիւն գործողները կ’ատես.

 Սուտ խօսողները կը կորսնցնես։

Տէրը արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդէն կը զզուի։

 Բայց ես քու ողորմութեանդ շատութիւնովը քու տունդ պիտի մտնեմ.

Քու վախովդ երկրպագութիւն պիտի ընեմ քու սուրբ տաճարիդ մէջ։

 Ո՛վ Տէր, քու արդարութիւնովդ ինծի առաջնորդ եղիր թշնամիներուս համար.

Քու ճամբադ շտկէ իմ առջեւս.

 Վասն զի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ,

Անոնց ներսիդին չարութիւն կայ։

Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է,

Իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան։

10 Ո՛վ Աստուած, յանցաւոր հանէ զանոնք.

Իրենց խորհուրդներովը թող իյնան.

Անոնց շատ ամբարշտութիւններուն համար հալածէ՛ զանոնք.

Վասն զի քեզի դէմ ապստամբեցան։

11 Բայց բոլոր քեզի յուսացողները թող ուրախ ըլլան.

Յաւիտեան թող ցնծան, վասն զի դուն զանոնք կը պաշտպանես

Եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան։

12 Վասն զի դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր,

Բարի կամեցողութիւնով անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը։

ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Սաղմոս Դաւիթի

6 1 Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ

Եւ քու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։

 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի տկար եմ ես.

Զիս բժշկէ, ո՛վ Տէր, վասն զի ոսկորներս կը սարսափին։

 Իմ անձս ալ խիստ սարսափեցաւ.

Եւ դուն, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ։

 Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, փրկէ իմ անձս,

Քու ողորմութեանդ համար զիս ազատէ։

 Վասն զի մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ.

Գերեզմանին մէջ ո՞վ քեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ։

 Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ.

Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս,

Արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։

 Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէն,

Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով հինցաւ։

 Ինձմէ ե՛տ կեցէք ամէնքդ ալ, որ անօրէնութիւն կը գործէք.

Վասն զի Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց.

 Տէրը իմ աղօթքս լսեց.

Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի։

10 Թող ամչնան ու խիստ զարհուրին իմ բոլոր թշնամիներս,

Ետ թող դառնան ու շուտով ամչնան։

ԱՂՕԹՔ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Դաւիթ երգեց Քուշի խօսքերուն համար

7 1 Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզի կը յուսամ,

Փրկէ զիս իմ բոլոր հալածիչներէս ու ազատէ զիս.

 Չըլլայ որ առիւծի պէս իմ անձս գիշատէ

Ու պատառէ եւ ազատող մը չըլլայ։

 Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, եթէ այս բանը ըրի,

Կամ եթէ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն կայ,

 Եթէ բարեկամիս չարութիւն ըրի

Ու կողոպտեցի զանիկա՝ որ առանց պատճառի իմ թշնամիս էր,

 Թող թշնամին հալածէ իմ անձս ու հասնի անոր

Ու երկրի վրայ կոխկռտէ իմ կեանքս,

Եւ իմ փառքս հողի վրայ բնակեցնէ։ (Սէլա։)

 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, քու բարկութիւնովդ,

Իմ թշնամիներուս կատաղութիւններուն դէմ բարձր եղիր,

Արթնցի՛ր, ո՛վ Աստուած, դուն սահմանած ես դատաստան մը։

 Եւ ժողովուրդներուն ժողովը քու չորս կողմդ պիտի պատէ.

Անոնց վրայ բարձրացիր։

 Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները.

Ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես,

Իմ ունեցած անարատութեանս ու անմեղութեանս նայելով։

 Ամբարիշտներուն չարութիւնը թող հատնի։

Բայց դուն արդարը հաստատէ.

Վասն զի դուն, ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սրտերը ու երիկամունքները։

10 Իմ պաշտպանութիւնս Աստուծմէ է.

Որ կ’ապրեցնէ սրտով ուղիղները։

11 Աստուած արդար դատաւոր է

Ու Աստուած մեղաւորին ամէն օր բարկացած է.

12 Եթէ անիկա չդառնայ, իր սուրը պիտի սրէ.

Աղեղը լարեր ու պատրաստեր է։

13 Ու մահու գործիքները անոր համար պատրաստեր է,

Իր նետերը հալածիչներուն համար շիներ է։

14 Ահա անօրէնութեան երկունքը բռնեց զանիկա.

Չարութիւն յղացաւ ու ստութիւն ծնաւ։

15 Հոր փորեց ու խորունկցուց,

Բայց իր շինած փոսին մէջ ի՛նք պիտի իյնայ.

16 Անոր չարութիւնը իր գլուխը պիտի դառնայ

Ու անոր բռնութիւնը իր գագաթին վրայ պիտի իջնէ։

17 Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իր արդարութեանը համար

Սաղմոս պիտի երգեմ Բարձրեալ Տէրոջը անուանը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Սաղմոս Դաւիթի

8 1 Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը,

Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ,

Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։

 Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով

Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար,

Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։

 Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝

Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր,

 Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես,

Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես։

 Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն,

Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա.

 Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա.

Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր.

 Բոլոր ոչխարները ու արջառները,

Նաեւ վայրենի անասունները,

 Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը

Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։

 Ով Տէր, մեր Տէրը,

Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

9 1 Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իմ բոլոր սրտովս.

Քու բոլոր սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ։

 Քեզմով ուրախ պիտի ըլլամ ու ցնծամ.

Քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ, ո՛վ Բարձրեալ։

 Թշնամիներս ետ դառնալու ատեննին

Քու երեսէդ պիտի իյնան ու կորսուին.

 Վասն զի դատաստանս եւ իրաւունքս դուն տեսար.

Աթոռին վրայ նստար իբրեւ արդարութեան դատաւոր։

 Հեթանոսները յանդիմանեցիր,

Ամբարիշտը կորսնցուցիր,

Անոնց անունները ջնջեցիր յաւիտեանս յաւիտենից։

 Թշնամիին աւերմունքները բոլորովին վերջացան.

Քաղաքները աւերեցիր.

Անոնց յիշատակը իրենց հետ կորսուեցաւ։

 Բայց Տէրը յաւիտեան պիտի մնայ.

Անիկա իր աթոռը պատրաստեց դատաստանի համար։

 Ինք պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով,

Ժողովուրդներուն դատաստան պիտի ընէ ուղղութիւնով։

 Տնանկին ալ ապաւէն պիտի ըլլայ Տէրը,

Ապաւէն՝ նեղութեան ժամանակները։

10 Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան.

Վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր։

11 Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, որ Սիօն կը բնակի,

Ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք անոր ըրածները։

12 Վասն զի արեան վրէժխնդիրը յիշեց զանոնք,

Չմոռցաւ նեղեալներուն աղաղակը։

13 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի,

Տե՛ս իմ թշնամիներէս կրած նեղութիւնս,

Դուն որ զիս մահուան դռներէն կը վերցնես.

14 Որպէս զի քու բոլոր օրհնութիւններդ պատմեմ

Սիօնի աղջկան դռներուն մէջ.

Պիտի ցնծամ քու փրկութիւնովդ։

15 Հեթանոսները իրենց շինած փոսին մէջ ընկղմեցան.

Իրենց գաղտուկ լարած որոգայթին մէջ իրենց ոտքը բռնուեցաւ։

16 Տէրը ճանչցուած է, վասն զի դատաստան ըրաւ.

Ամբարիշտը իր ձեռքին գործերովը որոգայթը կ’իյնայ։ (Հիկկայօն Սէլա։)

17 Ամբարիշտները դժոխքը պիտի դառնան

Եւ այն բոլոր ազգերը, որոնք Աստուած կը մոռնան։

18 Քանզի աղքատը պիտի չմոռցուի մինչեւ վերջը.

Տնանկներուն յոյսը յաւիտեան պիտի չկորսուի։

19 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, մարդը թող չզօրանայ.

Թող հեթանոսները դատուին քու առջեւդ.

20 Ո՛վ Տէր, զանոնք վախցուր.

Թող հեթանոսները գիտնան թէ իրենք մարդ են։ (Սէլա։)

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

10 1 Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս.

Նեղութեան ժամանակները կը ծածկուիս։

 Ամբարշտին ամբարտաւանութեանը պատճառով աղքատը կը տոչորի,

Իրենց խորհած հնարքներուն մէջ իրենք թող բռնուին։

 Վասն զի ամբարիշտը իր անձին ցանկութիւնովը կը պարծենայ

Եւ ագահը իր անձին երանի կու տայ, բայց կ’անարգէ Տէրը։

 Ամբարիշտը իր երեսին ամբարտաւանութեանը համար Աստուած չի փնտռեր.

Անոր մտքին մէջ բոլորովին Աստուած չկայ։

 Ամէն ժամանակ անոր ճամբաները պինդ են.

Քու դատաստաններդ անոր առջեւէն բարձր են.

Անիկա իր բոլոր թշնամիներուն վրայ կը փչէ։

 Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չսասանիմ.

Վասն զի ազգէ մինչեւ ազգ նեղութեան մէջ պիտի չըլլամ»։

 Անոր բերանը անէծքով ու նենգութիւններով ու հարստահարութիւններով լեցուն է.

Անիրաւութիւնը ու անօրէնութիւնը անոր լեզուին տակ են։

 Գիւղերուն դարանի տեղերը կը նստի,

Գաղտուկ տեղերու մէջ անմեղը կը սպաննէ.

Անոր աչքերը ծածկաբար տնանկներուն կը նային։

 Գաղտուկ տեղեր դարանամուտ կ’ըլլայ, ինչպէս առիւծը՝ իր որջին մէջ.

Դարանակալ կը նստի՝ աղքատը յափշտակելու համար.

Աղքատը կը յափշտակէ՝ իր որոգայթը ձգելով զանիկա։

10 Կծկտած կը պառկի

Եւ տնանկները անոր ճանկերուն տակ կ’իյնան։

11 Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Աստուած մոռցեր է

Ու իր երեսը ծածկեր է, որպէս զի բնաւ չտեսնէ»։

12 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր. ո՛վ Աստուած, ձեռքդ վե՛ր վերցուր,

Մի՛ մոռնար նեղեալները։

13 Ինչո՞ւ համար ամբարիշտը Աստուած կ’անարգէ։

Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չքննես»։

14 Դուն տեսար, վասն զի ցաւին ու նեղութեանը կը նայիս՝

Քու ձեռքովդ փոխարէն հատուցանելու համար։

Աղքատը ինքզինք քեզի կը յանձնէ.

Որբին օգնականը դուն ես։

15 Ամբարշտին բազուկը կոտրէ,

Ու չարին անօրէնութիւնը փնտռէ մինչեւ որ ալ չգտնես։

16 Տէրը յաւիտեանս յաւիտենից թագաւոր է։

Հեթանոսները կորսուած են անոր երկրէն։

17 Տնանկներուն ցանկութիւնը լսեցիր, ո՛վ Տէր.

Անոնց սրտերը պիտի հաստատես ու քու ականջդ պիտի խոնարհեցնես

18 Որբին ու տնանկին դատաստանը տեսնելու,

Որպէս զի երկրի մարդը ա՛լ զանոնք չվախցնէ։

ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՎՐԱՅ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

11 1 Տէրոջը ապաւինեցայ.

Ի՞նչպէս իմ անձիս կ’ըսէք թէ՝

«Թռչունի պէս դէպի ձեր լեռը թռչէ.

 Վասն զի ահա մեղաւորները աղեղ լարեցին,

Իրենց նետերը լարին վրայ պատրաստեցին,

Որպէս զի մութ ատեն սիրտը շիտակ եղողներուն նետեն։

 Եթէ հիմերը կործանին,

Արդարը ի՞նչ պիտի ընէ»։

 Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է.

Տէրոջը աթոռը երկինքն է.

Անոր աչքերը կը տեսնեն,

Անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։

 Տէրը կը քննէ արդարը.

Բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը։

 Ամբարիշտներուն վրայ պիտի տեղան որոգայթներ,

Հուր եւ ծծումբ ու խորշակ.

Ա՛յս պիտի ըլլայ անոնց բաժակին բաժինը։

 Քանզի արդար Տէրը արդարութիւնը կը սիրէ,

Անոր երեսը ուղիղին կը նայի։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

12 1 Ո՛վ Տէր, փրկէ’, վասն զի սուրբ չմնաց.

Վասն զի հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։

 Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին.

Շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին։

 Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները

Ու մեծախօս լեզուն,

 Որոնք ըսին թէ՝ «Մեր լեզուներով պիտի յաղթենք,

Մեր շրթունքները մերն են։ Մեր վրայ ո՞վ պիտի տիրէ»։

 «Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար

Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը,

Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա, որուն կը բաղձայ»։

 Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են.

Հողէ բովքի մէջ զտուած,

Եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։

 Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք

Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան։

 Ամբարիշտները ամէն կողմ կը պտըտին,

Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

13 1 Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս,

Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինձմէ պիտի ծածկես։

 Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ,

Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով.

Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։

 Նայէ՛, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս ու պատասխան տուր ինծի.

Լուսաւորէ՛ իմ աչքերս,

Որպէս զի մահուան քունը չքնանամ։

 Չըլլայ որ թշնամիս ըսէ թէ՝ «Յաղթեցի անոր»,

Կամ թէ ինծի դէմ կեցողները խնդան իմ սասանելու ատենս։

 Ես քու ողորմութեանդ յուսացի,

Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։

 Պիտի երգեմ Տէրոջը,

Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ։

ՄԱՐԴՈՑ ԱՆՕԳՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

14 1 Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ «Աստուած չկայ»։

Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին.

Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։

 Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն,

Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը,

Որ Աստուած փնտռէ։

 Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.

Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։

 Միթէ չե՞ն ճանչնար բոլոր անօրէնութիւն ընողները,

Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն

Ու Տէրոջը չեն կանչեր.

 Այն ատեն շատ վախցան.

Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։

 Աղքատին խորհուրդը շփոթեցուցիք,

Սակայն անոր յոյսը Տէրն է։

 Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլին փրկութիւնը.

Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝

Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։

ՏԷՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Սաղմոս Դաւիթի

15 1 Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ,

Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։

 Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ

Եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։

 Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր,

Ընկերին չարութիւն չ’ըներ,

Եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ.

 Որուն առջեւ անարգուած է չարագործը,

Բայց աստուածավախները կը պատուէ.

Երդում կ’ընէ իր վնասին ու չի դառնար.

 Իր արծաթը վարձքով չի տար

Ու անմեղին դէմ կաշառք չ’առներ։

Ով որ ասոնք կ’ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի։

ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

Երգ Դաւիթի

16 1 Ո՛վ Աստուած, զիս պահէ՛,

Վասն զի քեզի յուսացի։

 Տէրոջը ըսի. «Իմ Տէրս դուն ես,

Առանց քեզի բարիք մը չունիմ»։

 Երկրի մէջ եղող սուրբերուն ու պատուականներուն վրայ է իմ բոլոր հաճութիւնս։

 Անոնց ցաւերը պիտի շատնան, որոնք ուրիշ աստուած մը կը նախընտրեն.

Անոնց արիւնի նուէրները պիտի չնուիրեմ

Ու անոնց անունները շրթունքներուս վրայ պիտի չառնեմ։

 Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը.

Իմ վիճակս դուն պիտի պահես։

 Վիճակներ ելան ինծի զուարճալի տեղերու մէջ.

Իրաւ իմ ժառանգութիւնս ինծի գեղեցիկ եղաւ։

 Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց.

Նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն։

 Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի.

Որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ։

 Ասոր համար սիրտս ուրախ եղաւ ու փառքս բերկրեցաւ

Ու մարմինս ալ յոյսով պիտի հանգստանայ։

10 Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս

Ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։

11 Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես.

Երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ,

Քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան։

ԱՆՄԵՂԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

Դաւիթին Աղօթքը

17 1 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ արդար դատս,

Մտիկ ըրէ իմ աղաղակիս։

Ականջ դիր աղօթքիս,

Որ խաբեբայ շրթունքներով չէ։

 Իմ դատաստանս քու երեսէդ թող ելլէ.

Քու աչքերդ ուղղութիւնը թող տեսնեն։

 Իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր,

Զիս կրակով փորձեցիր ու բան մը չգտար.

Միտքս դրի որ բերանս պատուիրանազանց չըլլայ։

 Մարդոց գործերուն նայելով եւ

Քու շրթունքներուդ խօսքերովը ես բռնաւորին ճամբաներէն զգուշացայ։

 Իմ քայլերս քու ճամբաներուդ մէջ պահէ,

Որպէս զի իմ գնացքներս չսասանին։

 Ես քեզի կանչեցի, վասն զի ինծի պատասխան պիտի տաս, ո՛վ Աստուած։

Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, լսէ՛ իմ խօսքս։

 Սքանչելի կերպով քու ողորմութիւններդ ցուցուր,

Դուն որ քեզի յուսացողները աջ ձեռքովդ կ’ազատես

Հակառակ կեցողներէն։

 Աչքի բիբի պէս զիս պահէ՛,

Թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ զիս ծածկէ՛

 Ինծի տառապանք տուող ամբարիշտներուն երեսէն։

Իմ անձիս թշնամիները զիս պաշարեցին։

10 Իրենց պարարտութիւնովը ծածկուեցան,

Իրենց բերնովը ամբարտաւանութեամբ խօսեցան։

11 Հիմա մեր քայլերուն չորս կողմը պատելով՝

Աչքերնին մեր վրայ տնկեցին գետինը զարնելու համար,

12 Առիւծի պէս, որ կը փափաքի գիշատել,

Առիւծի կորիւնի պէս, որ դարանակալ կ’ըլլայ։

13 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, անոր առջեւ ինծի օգնութեան հասիր,

Զանիկա գետի՛նը զարկ։

Քու սրովդ փրկէ՛ իմ անձս ամբարիշտներէն,

14 Քու ձեռքովդ՝ մարդոցմէն, ո՛վ Տէր,

Աշխարհի մարդոցմէն, որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է

Ու անոնց փորերը շտեմարաններէդ կը լեցնես.

Անոնց որդիներն ալ կը կշտանան

Ու իրենցմէ աւելցածը իրենց տղոցը կը թողուն։

15 Իսկ ես արդարութեամբ պիտի տեսնեմ քու երեսդ.

Երբ արթննամ քու դէմքէդ պիտի կշտանամ։

ԴԱՒԻԹԻՆ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Տէրոջը ծառային Դաւիթին Սաղմոսը

18 1 Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։

 Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։

Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ,

Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը

Ու իմ բարձր աշտարակս է։

 Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ

Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։

 Մահուան լարերը իմ բոլորտիքս առին

Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։

 Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին

Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։

 Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի

Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի.

Անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց

Ու իմ աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջը հասաւ։

 Այն ատեն երկիր սասանեցաւ ու դողաց

Ու լեռներուն հիմերը շարժեցան ու սասանեցան,

Քանզի Անիկա բարկացաւ։

 Անոր քթէն ծուխ ելաւ

Ու բերնէն՝ մաշող կրակ,

Անկէ կայծակներ բռնկեցան։

 Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ,

Անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։

10 Քերովբէի մը վրայ ելաւ ու թռաւ

Ու հովին թեւերուն վրայ սլացաւ։

11 Խաւարը իրեն ծածկոյթ ըրաւ

Ու իր բոլորտիքը՝ իրեն բնակարան,

Թանձր ջուրերը ու երկնքի ամպերը ըրաւ։

12 Անոր պայծառութենէն ամպերը անցան

Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։

13 Տէրը երկնքին մէջ որոտաց

Եւ Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ

Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։

14 Իր նետերը ղրկեց ու զանոնք ցրուեց

Եւ շատ կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։

15 Քու յանդիմանութիւնովդ, ո՛վ Տէր,

Քու բարկութեանդ հովին փչելովը

Ջուրերուն յատակները երեւցան

Ու աշխարհի հիմերը յայտնուեցան։

16 Բարձրէն ղրկեց ու զիս բռնեց

Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։

17 Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս.

Թէեւ ինձմէ զօրաւոր էին։

18 Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին,

Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ

19 Եւ զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց

Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։

20 Տէրը իմ արդարութեանս փոխարէն կը հատուցանէ,

Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի.

21 Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի

Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։

22 Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին

Ու անոր օրէնքները ինձմէ չհեռացուցի։

23 Նաեւ անոր առջեւ կատարեալ եղայ

Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։

24 Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ,

Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ՝ որ անոր աչքերուն առջեւ է։

25 Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս,

Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս.

26 Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս

Ու ծուռին հետ կը ծռիս։

27 Վասն զի դուն վշտացած ժողովուրդը կ’ազատես

Ու ամբարտաւան աչքերը կը ցածցնես։

28 Քանզի դուն իմ ճրագս կը վառես։

Իմ Տէր Աստուածս իմ խաւարս կը լուսաւորէ։

29 Քանզի քեզմով գունդի մը վրայ կ’արշաւեմ

Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ։

30 Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է

Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։

Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։

31 Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած,

Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։

32 Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ

Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։

33 Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ

Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։

34 Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ

Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն։

35 Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր.

Եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց

Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։

36 Քալելու համար ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր

Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։

37 Իմ թշնամիներս հալածեցի ու անոնց հասայ

Ու ետ չդարձայ՝ մինչեւ որ զանոնք հատցուցի.

38 Զանոնք գետինը զարկի ու կանգնելու կարող չեղան։

Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։

39 Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր,

Իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։

40 Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր,

Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։

41 Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար։

Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։

42 Ու զանոնք հովին առջեւէն մղուած փոշիի պէս մանրեցի

Եւ փողոցներուն ցեխին պէս մէկդի ձգեցի զանոնք։

43 Ժողովուրդին կռիւներէն զիս ազատեցիր

Ու զիս ազգերու գլուխ ըրիր։

Ժողովուրդը, որ չէի ճանչնար, ինծի ծառայեց։

44 Իրենց ականջներով լսածնուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան.

Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին։

45 Օտարները տկարացան

Եւ իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։

46 Տէրը կենդանի է։

Իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ

Եւ իմ փրկութեանս Աստուածը բարձր ըլլայ։

47 Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ

Ու ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։

48 Իմ թշնամիներէս զիս կը փրկէ.

Նաեւ զիս իմ հակառակորդներէս աւելի բարձրացուցիր

Ու բռնաւոր մարդէն զիս ազատեցիր։

49 Անոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ։

Ես քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։

50 Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը

Ու իր օծեալին՝ Դաւիթին ու անոր սերունդին

Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛Ն Է։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

19 1 Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ

Ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։

 Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը

Ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը։

 Չկայ զրոյց ու չկան խօսքեր.

Անոնց ձայնը չի լսուիր։

 Բայց ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը

Ու մինչեւ աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը։

Անոնց մէջ արեւին համար վրան մը կանգնեց.

 Անիկա իր առագաստէն ելած փեսայի պէս է,

Հզօր մարդու պէս իր ճամբան վազելով կ’ուրախանայ։

 Անոր ելքը երկնքի ծայրէն է

Ու անոր շրջանը մինչեւ անոնց ծայրերը

Եւ անոր տաքութենէն բան մը չի ծածկուիր։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԸ

 Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ.

Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։

 Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն։

Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան։

 Տէրոջը վախը սուրբ է, յաւիտեան կը մնայ։

Տէրոջը դատաստանները ճշմարիտ ու բոլորովին արդար են։

10 Ցանկալի են անոնք ոսկիէն ու շատ փորձուած ոսկիէն.

Մեղրէն անոյշ են ու խորիսխէ կաթած մեղրէն։

11 Քու ծառադ անոնցմով կը խրատուի

Ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է։

12 Ո՞վ կրնայ միտք առնել իր յանցանքները։

Ծածուկ մեղքերէն զիս մաքրէ.

13 Ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ,

Թող անոնք ինծի չտիրեն։

Այն ատեն անմեղ կ’ըլլամ

Ու կը մաքրուիմ մեծ անօրէնութենէ։

14 Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը

Քու առջեւդ ընդունելի ըլլան,

Ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս ու փրկի՛չս։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

20 1 Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի,

Յակոբին Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ.

 Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն

Ու Սիօնէն զօրացնէ քեզ։

 Քու ամէն ընծաներդ յիշէ

Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի (Սէլա։)։

 Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ

Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։

 Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք

Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը վերցնենք։

Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։

 Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կը պահէ իր օծեալը,

Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկնքէն՝

Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։

 Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին,

Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։

 Անոնք կորացան ու ինկան,

Բայց մենք ելանք ու շիտակ կանգնեցանք։

 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը,

Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը։

ՓԱՌՔ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

21 1 Ո՛վ Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ

Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։

 Անոր սրտին փափաքը իրեն տուիր

Ու անոր շրթունքներուն խնդիրքը իրմէ չարգիլեցիր։ (Սէլա։)

 Վասն զի բարութեան օրհնութիւններով անոր հասար.

Անոր գլուխը մաքուր ոսկիէ պսակ դրիր։

 Քեզմէ կեանք խնդրեց

Ու անոր երկայն օրեր տուիր յաւիտեանս յաւիտենից։

 Անոր փառքը մեծ է քու փրկութիւնովդ.

Փառք ու վայելչութիւն դրիր անոր վրայ։

 Վասն զի օրհնութիւնները անոր վրայ հաստատեցիր յաւիտեան.

Քու ներկայութեանդ ցնծութեամբ ուրախացուցիր զայն։

 Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ

Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։

 Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու բոլոր թշնամիներդ

Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։

 Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը.

Տէրը իր բարկութիւնովը բոլորովին պիտի կորսնցնէ զանոնք

Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։

10 Անոնց զաւակը երկրէն պիտի կորսնցնես

Ու անոնց սերունդը՝ մարդոց որդիներէն։

11 Եթէ քեզի դէմ չարութիւն ծրագրեն,

Եթէ նենգութիւն խորհին, պիտի չկրնան կատարել։

12 Վասն զի դուն անոնց կռնակը ետ պիտի դարձնես.

Քու նետերդ անոնց երեսին դէմ՝ լարերդ անոնց պիտի ուղղես։

13 Ո՛վ Տէր, քու ուժովդ փառաւորուէ։

Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։

ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ՃԻՉ ՄԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

22 1 Աստուա՛ծ իմ, Աստուած իմ, զիս ինչո՞ւ թողուցիր։

Զիս փրկելէն ու պոռալուս խօսքերէն հեռու կեցար։

 Ո՛վ իմ Աստուածս, ցորեկը քեզի կը կանչեմ ու չես պատասխաներ.

Եւ գիշերը կը կանչեմ ու չեմ դադարիր։

 Բայց դուն սուրբ ես,

Ով Իսրայէլի գովաբանութիւններուն մէջ բնակող։

 Մեր հայրերը քեզի յուսացին։

Յուսացին ու փրկեցիր զանոնք։

 Քեզի աղաղակեցին ու ազատեցան.

Քեզի յուսացին ու չամչցան.

 Բայց ես որդ եմ ու մարդ չեմ,

Մարդոց մէջ՝ քամահրուած ու ժողովուրդներուն մէջ՝ անարգուած։

 Բոլոր զիս տեսնողները զիս ծաղր կ’ընեն.

Շրթունք կը բանան, գլուխ կ’երերցնեն,

 Ըսելով. «Տէրոջը յուսաց, թող փրկէ զանիկա.

Թող ազատէ զանիկա, վասն զի անոր հաւնեցաւ»։

 Բայց զիս մօրս արգանդէն հանողը դուն ես.

Մօրս ծիծը եղած ատենս դուն ինծի յոյս տուիր։

10 Արգանդէն ես քեզի յանձնուեցայ.

Իմ մօրս որովայնէն դուն ես իմ Աստուածս։

11 Մի՛ հեռանար ինձմէ, վասն զի նեղութիւնը մօտ է,

Վասն զի օգնող մը չկայ։

12 Շատ զուարակներ չորս կողմս առին,

Բասանի ցուլերը զիս պաշարեցին։

13 Իրենց բերանը իմ վրաս բացին՝

Յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս։

14 Ջուրի պէս թափուեցայ

Ու բոլոր ոսկորներս քակուեցան.

Սիրտս մոմի պէս եղաւ,

Հալեցաւ փորիս մէջ։

15 Չորցաւ իմ ոյժս հողէ ամանի մը պէս

Ու լեզուս քիմքիս փակաւ

Եւ զիս մահուան հողը դրիր։

16 Վասն զի շուները չորս կողմս առին,

Չարերուն ժողովը զիս պատեց,

Ձեռքերս ու ոտքերս ծակեցին։

17 Իմ բոլոր ոսկորներս կրնամ համրել.

Անոնք կը նային, կը տեսնեն զիս։

18 Իմ հանդերձներս իրենց մէջ կը բաժնեն

Ու պատմուճանիս վրայ վիճակ կը ձգեն։

19 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, մի՛ հեռանար ինձմէ.

Ո՛վ իմ զօրութիւնս, շուտով ինծի օգնութեան հասիր.

20 Իմ անձս սուրէն ազատէ

Ու կեանքս՝ շանը ձեռքէն։

21 Փրկէ՛ զիս առիւծին բերնէն

Ու վշտացած հոգիս՝ միեղջերուներուն եղջիւրներէն։

ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

22 Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ,

Ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ։

23 Ո՛վ Տէրոջմէ վախցողներ, գովեցէ՛ք զանիկա.

Ո՛վ Յակոբի զաւակներ, փառաւորեցէ՛ք զանիկա,

Վախցէ՛ք անկէ, Իսրայէլի՛ զաւակներ։

24 Վասն զի չանարգեց ու չքամահրեց տառապեալին տառապանքը

Ու երեսը անկէ չդարձուց.

Հապա իրեն կանչած ատենս լսեց։

25 Քեզմով պիտի ըլլայ իմ գովութիւնս մեծ ժողովին մէջ.

Իմ ուխտերս անկէ վախցողներուն առջեւ պիտի կատարեմ։

26 Տնանկները պիտի ուտեն ու կշտանան.

Տէրը պիտի գովեն զանիկա փնտռողները։

Ձեր սիրտը յաւիտեան պիտի ապրի։

27 Պիտի յիշեն ու Տէրոջը դառնան երկրի ամէն ծայրերէն

Ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն ազգերուն տոհմերը։

28 Վասն զի թագաւորութիւնը Տէրոջն է

Ու ան կը տիրէ ազգերուն վրայ։

29 Երկրի բոլոր հպարտները երկրպագութիւն պիտի ընեն.

Ամէն հողը իջնող ծունկ պիտի կրկնէ անոր առջեւ

Ու ան ալ, որ իր անձը չի կրնար ապրեցնել։

30 Զաւակը պիտի ծառայէ անոր։

Տէրոջը վրայով պիտի պատմուի յաջորդ սերունդին մէջ,

31 Անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն

Այն ժողովուրդին, որ պիտի ծնանի։

Թէ այս բանը ա՛ն կատարեց։

ՏԷՐԸ ՄԵՐ ՀՈՎԻՒԸ

Սաղմոս Դաւիթի

23 1 Տէրը իմ հովիւս է.

Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։

 Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ,

Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ։

 Հոգիս կը նորոգէ։

Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի։

 Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ,

Չարէն պիտի չվախնամ,

Վասն զի դուն ինծի հետ ես,

Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։

 Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց.

Իմ գլուխս իւղով կ’օծես,

Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։

 Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան

Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ

Ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ։

ՄԵԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Սաղմոս Դաւիթի

24 1 Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։

Աշխարհն ու անոր բնակիչները։

 Վասն զի ինք անոր հիմերը ծովերուն վրայ ձգեց

Ու զանիկա գետերուն վրայ հաստատեց։

 Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը,

Կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։

 Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը,

Որ ստութեան անձնատուր չեղաւ

Ու նենգութեամբ երդում չըրաւ.

 Անիկա Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայ

Ու իր փրկութեանը Աստուծմէն՝ արդարութիւն։

 Զանիկա փնտռողներուն ցեղը այս է.

Քու երեսդ խնդրողը Յակոբն է։ (Սէլա։)

 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք

Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,

Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։

 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը,

Կարող ու հզօր Տէրը,

Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։

 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք

Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,

Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։

10 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը։

Զօրքերուն Տէրը,

Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։)

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

25 1 Ո՛վ Տէր, իմ անձս քեզի վերցուցի։

 Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացի. թող չամչնամ

Ու թշնամիներս իմ վրաս չցնծան։

 Բոլոր քեզի սպասողները թող չամչնան.

Ունայնութեամբ անօրէնութիւն ընողները թող ամչնան։

 Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի,

Քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։

 Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի,

Քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։

Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր։

 Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ ու ողորմութիւններդ յիշէ,

Վասն զի յաւիտենական են։

 Մանկութեան մեղքերս ու յանցանքներս մի՛ յիշեր,

Հապա քու ողորմութիւնովդ զիս յիշէ՝

Քու բարութեանդ համար, ո՛վ Տէր։

 Տէրը բարի եւ ուղիղ է.

Անոր համար մեղաւորներուն կը սորվեցնէ ճամբան։

 Դատաստանի մէջ պիտի առաջնորդէ հեզերուն

Ու իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ։

10 Տէրոջը բոլոր ճամբաները ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն են՝

Իր ուխտը ու վկայութիւնները պահողներուն։

11 Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար

Ներէ իմ անօրէնութիւնս, վասն զի մեծ է։

12 Ո՞վ է այն մարդը որ Տէրոջմէն կը վախնայ։

Ահա անոր պիտի սորվեցնէ իր ընտրած ճամբան։

13 Անոր անձը բարութեան մէջ պիտի բնակի

Ու անոր սերունդը երկիրը պիտի ժառանգէ։

14 Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է

Ու իր ուխտը անոնց կը սորվեցնէ։

15 Իմ աչքերս ամէն ատեն Տէրոջը կը նային,

Վասն զի ան պիտի հանէ իմ ոտքերս որոգայթէն։

16 Ինծի դարձիր ու ողորմէ ինծի,

Վասն զի մինակ ու վշտացած եմ։

17 Սրտիս նեղութիւնները շատցան.

Իմ վիշտերէս զիս դուրս հանէ։

18 Իմ նեղութեանս ու տառապանքիս նայէ

Ու բոլոր մեղքերս ներէ։

19 Տե՛ս իմ թշնամիներս, վասն զի շատցան

Ու սաստիկ ատելութիւնով զիս ատեցին։

20 Պահէ՛ իմ անձս ու փրկէ՛ զիս.

Թող չամչնամ, վասն զի քեզի յուսացի։

21 Կատարելութիւնը եւ ուղղութիւնը զիս թող պահեն,

Վասն զի քեզի սպասեցի։

22 Ո՛վ Աստուած, փրկէ Իսրայէլը

Իր ամէն նեղութիւններէն։

ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

Սաղմոս Դաւիթի

26 1 Ո՛վ Տէր, զիս դատէ,

Վասն զի իմ անարատութիւնովս քալեցի։

Տէրոջը յուսացի, պիտի չսասանիմ։

 Ո՛վ Տէր, զիս փորձէ ու քննէ,

Փորձէ իմ երիկամունքներս ու սիրտս։

 Վասն զի քու ողորմութիւնդ իմ աչքերուս առջեւ է

Ու քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեցի։

 Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ

Ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ։

 Չարերուն ժողովը ատեցի

Ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ։

 Անմեղութիւնով ձեռքերս պիտի լուամ

Եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Տէր,

 Որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ

Ու քու բոլոր սքանչելիքներդ պատմեմ։

 Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը

Եւ քու փառքիդ կեցած տեղը։

 Մի՛ կորսնցներ իմ անձս մեղաւորներուն հետ

Ու իմ կեանքս՝ արիւնահեղ մարդոց հետ,

10 Որոնց ձեռքերուն մէջ անօրէնութիւն կայ

Ու անոնց աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է։

11 Բայց ես իմ անարատութիւնովս պիտի քալեմ.

Զիս փրկէ՛ ու ինծի ողորմէ՛։

12 Իմ ոտքս ուղղութեան մէջ կը կենայ։

Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

Սաղմոս Դաւիթի

27 1 Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է,

Ես որմէ՞ պիտի վախնամ։

Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է,

Ես որմէ՞ պիտի դողամ։

 Չարերուն իմ մարմինս ուտելու համար ինծի մօտեցած ատենը՝

Իմ նեղիչներս ու թշնամիներս սահեցան ու ինկան։

 Եթէ վրաս զօրքի բանակ ելլէ,

Սիրտս պիտի չվախնայ։

Եթէ ինծի դէմ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլայ,

Դարձեալ ես վստահ պիտի ըլլամ։

 Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն

Ու ասիկա կ’աղաչեմ,

Որ կեանքիս բոլոր օրերը

Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝

Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու

Ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար։

 Վասն զի չար օրուան մէջ՝

Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ,

Իր վրանին ծածկոցովը զիս պիտի ծածկէ,

Վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս։

 Ու հիմա իմ գլուխս պիտի բարձրանայ

Իմ բոլորտիքս եղող թշնամիներուս վրայ։

Ու անոր վրանին մէջ ուրախութեան ձայնով զոհեր պիտի մատուցանեմ,

Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ Տէրոջը։

 Ո՛վ Տէր, ձայնս լսէ՛ կանչելու ատենս

Ու ողորմէ՛ եւ պատասխան տուր ինծի։

 «Իմ երեսս փնտռեցէք», ըսիր

Իմ սիրտս ալ քեզի ըսաւ. «Քու երեսդ պիտի փնտռեմ, ո՛վ Տէր»։

 Քու երեսդ ինձմէ մի՛ ծածկեր,

Բարկութիւնովդ ծառադ մէկդի մի՛ ձգեր.

Ինծի օգնական եղար, զիս մի՛ մերժեր

Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ իմ փրկութեանս Աստուածը։

10 Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն,

Բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի։

11 Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր

Ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ՝ թշնամիներուս համար։

12 Զիս իմ թշնամիներուս կամքին մի՛ մատներ,

Վասն զի իմ վրաս սուտ վկաներ

Ու անիրաւութիւն փչողներ ելան։

13 Հաւատացի թէ Տէրոջը բարութիւնը պիտի տեսնեմ

Կենդանիներուն երկրին մէջ։

14 Տէրոջը սպասէ՛։

Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։

Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

28 1 Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ։

Ո՛վ իմ Վէմս, մի՛ լռեր,

Չըլլայ որ լռելուդ համար,

Գերեզմանը իջնողներուն նմանիմ։

 Լսէ՛ իմ խնդրուածքիս ձայնը

Երբ քեզի աղաչեմ,

Երբ իմ ձեռքերս վերցնեմ

Դէպի քու սուրբ դաբիրդ։

 Զիս մի՛ կորսնցներ ամբարիշտներուն հետ

Ու անօրէնութիւն գործողներուն հետ,

Որոնք իրենց ընկերներուն հետ խաղաղութեամբ կը խօսին,

Բայց սրտերնուն մէջ չարութիւն կայ։

 Հատուցանէ անոնց իրենց գործերուն համեմատ

Ու իրենց ըրած չարութեանը համեմատ.

Իրենց ձեռքերուն գործերուն համաձայն

Հատուցում ըրէ անոնց։

 Որովհետեւ անոնք Տէրոջը ըրածները

Ու անոր ձեռքերուն գործերը նկատի չեն առներ,

Պիտի կործանէ զանոնք ու ա՛լ պիտի չշինէ։

 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը,

Որ լսեց իմ աղօթքիս ձայնը։

 Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է.

Իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ։

Ուստի սիրտս ուրախացաւ

Եւ ես իմ երգովս զանիկա պիտի գովեմ։

 Տէրը անոնց ոյժն է

Ու իր օծեալին փրկութեանը պարիսպն է։

 Փրկէ՛ քու ժողովուրդդ

Ու օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ,

Նաեւ հովուէ զանոնք ու յաւիտեան բարձրացուր։

ՏԷՐՈՋԸ ՁԱՅՆԸ ՓՈԹՈՐԻԿԻՆ ՄԷՋ

Սաղմոս Դաւիթի

29 1 Տէրոջը տուէք, ո՛վ հզօրաց որդիներ,

Տէրո՛ջը տուէք փառք ու զօրութիւն։

 Տէրո՛ջը տուէք իր անուան փառքը,

Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք սրբութեան զարդարանքով։

 Տէրոջը ձայնը ջուրերուն վրայ է։

Փառաց Աստուածը կ’որոտայ։

Տէրը շատ ջուրերու վրայ է։

 Տէրոջը ձայնը ուժով է։

Տէրոջը ձայնը վեհափառութիւնով է։

 Տէրոջը ձայնը եղեւինները կը կոտրէ

Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղեւինները.

 Զանոնք կը ցատկեցնէ հորթի պէս,

Լիբանանը ու Սարիօնը՝ միեղջերուներու ձագի պէս։

 Տէրոջը ձայնը կրակին բոցերը կը ճեղքէ։

 Տէրոջը ձայնը կը դողացնէ անապատը։

Տէրը Կադէսի անապատը կը դողացնէ։

 Տէրոջը ձայնը եղնիկները կը ծնեցնէ

Ու անտառները կը մերկացնէ.

Անոր տաճարին մէջ ամէնքն ալ անոր փառքը կը հռչակեն։

10 Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը նստի,

Տէրը յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ։

11 Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ,

Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

Դաւիթի տանը նաւակատիքի երգը

30 1 Ո՛վ Տէր, կը բարձրացնեմ քեզ, վասն զի զիս ազատեցիր

Ու թշնամիներս իմ վրաս չուրախացուցիր։

 Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզ օգնութեան կանչեցի

Ու զիս բժշկեցիր։

 Ո՛վ Տէր, իմ անձս գերեզմանէն հանեցիր,

Գուբը իջնողներուն մէջէն զիս ապրեցուցիր։

 Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, ո՛վ անոր սուրբերը

Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։

 Վասն զի մէկ րոպէ է իր բարկութիւնը,

Բայց իր հաճութիւնը՝ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին.

Իրիկունը լաց կայ,

Բայց առտուն՝ ուրախութիւն։

 Ես իմ յաջողութեանս մէջ ըսի թէ՝

«Յաւիտեան պիտի չսասանիմ»։

 Ո՛վ Տէր, քու հաճութիւնովդ իմ լեռս հաստատուն ըրիր.

Երեսդ ծածկեցիր ու ես խռովեցայ։

 Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ

Ու Տէրոջը աղաչանք կ’ընեմ։

 Իմ արիւնէս ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ

Եթէ ես գուբը իջնեմ։

Միթէ հողը քեզ պիտի գովէ՞,

Կամ անիկա պիտի պատմէ՞ քու ճշմարտութիւնդ։

10 Լսէ՛, ո՛վ Տէր ու ողորմէ՛ ինծի.

Ո՛վ Տէր, ինծի օգնական եղիր։

11 Իմ սուգս պարի փոխեցիր,

Քուրձս ինձմէ հանեցիր

Եւ ինծի ուրախութիւն հագցուցիր,

12 Որպէս զի իմ փառքս սաղմոս երգէ քեզի ու ալ չլռէ։

Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, յաւիտեան քեզ պիտի գովեմ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

31 1 Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի,

Յաւիտեան պիտի չամչնամ.

Քու արդարութիւնովդ զիս ազատէ։

 Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր,

Շուտով զիս ազատէ։

Ինծի ամրութեան վէմ մը եղիր

Եւ զիս ապրեցնելու համար՝ ապաստանի տուն մը։

 Վասն զի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես

Եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ։

 Որոգայթէն զիս հանէ, որ ինծի համար գաղտուկ լարած են։

Վասն զի իմ զօրութիւնս դուն ես։

 Իմ հոգիս քու ձեռքդ կը յանձնեմ։

Ո՜վ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան՝ դուն զիս փրկեցիր։

 Սնոտի ունայնութիւններ պահողները ատեցիր,

Բայց ես Տէրոջը յուսացի։

 Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ.

Վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար

Ու իմ տառապանքներս գիտցար։

 Զիս թշնամիին ձեռքը չմատնեցիր,

Հապա իմ ոտքերս լայնարձակ տեղ մը կանգնեցուցիր։

 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի նեղութեան մէջ եմ.

Սրտնեղութենէ մաշեցան իմ աչքս, իմ անձս ու իմ մարմինս։

10 Վասն զի իմ կեանքս՝ տրտմութենէ

Ու տարիներս հառաչանք ընելէ սպառեցան.

Իմ ոյժս թշուառութենէս տկարացաւ,

Ոսկորներս ալ մաշեցան։

11 Իմ բոլոր թշնամիներուս, մանաւանդ դրացիներուս առջեւ նախատուեցայ

Ու իմ ծանօթներուս երկիւղ եղայ.

Զիս դուրսը տեսնողները ինձմէ կը փախչէին։

12 Մեռածի պէս սրտէ մոռցուեցայ,

Կորսուած ամանի նմանեցայ։

13 Շատերու բամբասանքը լսեցի։

Չորս կողմս վախ կար։

Երբ անոնք ինծի համար մէկտեղ հաւաքուեցան,

Խորհուրդ կ’ընէին, որ հոգիս առնեն։

14 Բայց ես քեզի՛ յուսացի, ո՛վ Տէր.

Ըսի թէ՝ «Դուն ես իմ Աստուածս».

15 Իմ ժամանակներս քու ձեռքդ են.

Փրկէ՛ զիս թշնամիներուս ձեռքէն ու զիս հալածողներէն։

16 Քու ծառայիդ վրայ երեսդ փայլեցուր,

Քու ողորմութիւնովդ զիս փրկէ։

17 Ո՛վ Տէր, չամչնամ,

Վասն զի քեզի կանչեցի։

Ամբարիշտները թող ամչնան

Ու գերեզմանին մէջ թող լուռ կենան։

18 Թող պապանձին ստախօս շրթունքները,

Որոնք հպարտութեամբ եւ նախատինքով

Ամբարտաւանութիւն կը խօսին արդարին դէմ։

19 Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ՝

Որ քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր

Ու քեզի յուսացողներուն համար ըրիր՝

Մարդոց որդիներուն առջեւ։

20 Զանոնք քու երեսիդ ծածկոցովը պիտի ծածկես,

Մարդոց դաւաճանութիւններէն.

Խորանի մէջ պիտի ծածկես զանոնք

Լեզուներուն հակառակութենէն։

21 Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը,

Վասն զի իր զարմանալի ողորմութիւնը ցուցուց ինծի

Պարսպաւոր քաղաքի մէջ։

22 Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի թէ՝

«Ես քու աչքերէդ ինկայ».

Սակայն դուն իմ աղօթքիս ձայնը լսեցիր,

Երբ քեզի աղաղակեցի։

23 Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր սուրբեր,

Վասն զի Տէրը հաւատացեալները կը պահէ

Ու ամբարտաւանութիւն ընողներուն առատօրէն հատուցում կ’ընէ։

24 Կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ,

Դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը կը յուսաք։

ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹՈՂՈՒԹԻՒՆ

Դաւիթին երգը

32 1 Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ

Ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։

 Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր

Ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ։

 Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան

Ամէն օր աղաղակելովս,

 Վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ.

Իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ։ (Սէլա։)

 Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի

Ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։

Ըսի թէ՝ «Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս»։

Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։ (Սէլա։)

 Ասոր համար ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ քեզի

Քու գտնուելու ժամանակդ։

Արդարեւ շատ ջուրերու հեղեղներուն ատենը

Անոր պիտի չմօտենան։

 Դուն ես իմ ապաստանարանս։

Նեղութենէն զիս պիտի պահես։

Դուն զիս պիտի պատես ազատութեան երգերով։ (Սէլա։)

 Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի.

Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։

 Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի՛ ըլլաք, որոնք միտք չունին

Ու իրենց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէս զի քեզի չմօտենան։

10 Ամբարշտին տանջանքները շատ պիտի ըլլան,

Սակայն սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը։

11 Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ուրախ եղէ՛ք ու ցնծացէ՛ք,

Ցնծութեամբ երգեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ սրտով ուղիղ էք։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

33 1 Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ցնծացէք։

Ուղիղներուն կը վայլէ օրհնութիւն երգել։

 Գովեցէ՛ք Տէրը քնարով։

Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս երգեցէ՛ք անոր։

 Նոր երգ մը երգեցէ՛ք անոր,

Վարպետութեամբ նուագարանները զարկէ՛ք ցնծութեան ձայնով,

 Վասն զի Տէրոջը խօսքը շիտակ է

Ու անոր բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են։

 Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ։

Տէրոջը ողորմութիւնովը երկիրը լեցուն է։

 Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ

Ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը։

 Ծովուն ջուրերը դէզի մը պէս կը հաւաքէ,

Անդունդները շտեմարաններու մէջ կը դնէ։

 Ամէն երկիր թող Տէրոջմէն վախնայ

Ու անկէ դողան աշխարհի բոլոր բնակիչները։

 Վասն զի անիկա ըսաւ ու եղաւ։

Ինք հրամայեց ու հաստատուեցաւ։

10 Տէրը կը ցրուէ հեթանոսներուն խորհուրդները,

Փուճ կը հանէ ժողովուրդներուն դիտաւորութիւնները։

11 Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայ

Ու անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչեւ ազգ։

12 Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է

Ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց։

13 Տէրը երկնքէն կը նայի

Եւ բոլոր մարդոց որդիները կը տեսնէ։

14 Իր բնակութեանը տեղէն

Աշխարհի բոլոր բնակիչները կը դիտէ։

15 Անոնց սրտերը հաւասարապէս ինք ստեղծեց։

Անոնց բոլոր ըրածները կ’իմանայ։

16 Թագաւոր մը զօրքի շատութիւնով չ’ազատիր,

Ոչ ալ զօրաւոր մարդ մը ուժի շատութիւնով կը փրկուի։

17 Ձին ազատութեան համար պարապ բան է

Ու իր ուժին շատութիւնովը չի կրնար ազատել։

18 Ահա Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն

Ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է,

19 Անոնց անձը՝ մահուանէ փրկելու

Եւ սովի ժամանակ զանոնք ապրեցնելու համար։

20 Մեր անձը Տէրոջը կը սպասէ։

Մեր օգնութիւնը ու մեր վահանը անիկա է,

21 Վասն զի մեր սրտերը անով կ’ուրախանան,

Քանզի անոր սուրբ անուանը յուսացինք։

22 Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մեր վրայ ըլլայ,

Ինչպէս քեզի կը յուսանք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Սաղմոս Դաւիթի, այն ատեն որ Աբիմելէքի առջեւ յիմար ձեւացաւ

34 1 Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։

Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։

 Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի։

Խոնարհները պիտի լսեն եւ ուրախ ըլլան։

 Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք

Ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը։

 Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ

Եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։

 Անոր նայեցան ու լոյս առին

Եւ անոնց երեսները չամչցան։

 Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անոր

Եւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց։

 Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ

Ու զանոնք կ’ազատէ։

 Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։

Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։

 Տէրոջմէ վախցէ՛ք, ո՛վ անոր սուրբեր,

Վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չ’ըլլար։

10 Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն,

Սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ։

11 Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի,

Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ։

12 Ո՞վ է այն մարդը որ ապրիլ կ’ուզէ

Ու շատ օրեր կը սիրէ՝ բարութիւն տեսնելու համար։

13 Քու լեզուդ չարութենէ պահէ

Ու շրթունքներդ՝ նենգութիւն խօսելէ։

14 Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ,

Խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛։

15 Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են

Ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։

16 Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է,

Անոնց յիշատակը երկրէն բնաջնջելու համար։

17 Արդարները կ’աղաղակեն ու Տէրը կը լսէ

Ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։

18 Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է

Ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։

19 Արդարին նեղութիւնները շատ են,

Բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա։

20 Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ,

Անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր։

21 Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ

Ու արդարը ատողները պիտի դատապարտուին։

22 Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ

Եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

35 1 Ո՛վ Տէր, ինծի հետ հակառակողներուն հետ հակառակէ՛.

Ինծի հետ պատերազմողներուն հետ պատերազմէ՛։

 Ասպարը ու վահանը ա՛ռ

Ու ելի՛ր ինծի օգնութիւն ընելու։

 Նաեւ նիզակը քաշէ՛ ու ճամբան գոցէ՛ զիս հալածողներուն դէմ.

Ըսէ՛ անձիս. «Քու փրկութիւնդ ես եմ»։

 Իմ անձս փնտռողները թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան։

Թող ետ դառնան ու ամչնան

Անոնք, որ ինծի համար չարութիւն կը խորհին։

 Հովին առջեւ եղած մղեղին պէս թող ըլլան անոնք

Եւ Տէրոջը հրեշտակը փախցնէ զանոնք։

 Անոնց ճամբան թող խաւար ու սահուն ըլլայ

Եւ Տէրոջը հրեշտակը թող հալածէ զանոնք։

 Վասն զի զո՜ւր տեղը իրենց որոգայթը փոսի մէջ ինծի համար ծածկեցին

Ու զո՜ւր տեղը փոս փորեցին անձիս համար։

 Թող անոր վրայ յանկարծ աւերում գայ

Եւ իր ծածկած որոգայթը զինք բռնէ,

Նոյն աւերման մէջ իյնայ։

 Սակայն իմ անձս Տէրոջմով պիտի ցնծայ,

Անոր փրկութիւնովը ուրախ պիտի ըլլայ։

10 Իմ բոլոր ոսկորներս պիտի ըսեն.

«Տէ՛ր, ո՞վ քեզի նման է,

Որ աղքատը կ’ազատես անկէ, որ կը բռնանայ անոր վրայ

Ու աղքատը եւ տնանկը՝ իրենց յափշտակողէն»։

11 Սուտ վկաներ ելան,

Չգիտցածներս կը հարցնէին ինծի։

12 Աղէկութեան փոխարէն ինծի գէշութիւն ըրին։

Հոգիս անօգնական է։

13 Բայց ես անոնց հիւանդութեան ատեն քուրձ կը հագնէի.

Իմ անձս ծոմով կը չարչարէի

Ու իմ աղօթքս իմ ծոցս պիտի դառնայ։

14 Ինչպէս իմ ընկերիս կամ եղբօրս հետ՝ այնպէս ալ անոնց հետ կը վարուէի,

Իր մօրը համար սուգ ունեցողի մը պէս տրտմութեամբ կը խոնարհէի։

15 Բայց անոնք իմ ինկած ատենս միասնաբար խնդացին։

Զարնողները իմ դէմ հաւաքուեցան, բայց ես բան մը չէի գիտեր։

Պատառեցին զիս, առանց դադարի.

16 Խնճոյքի կեղծաւոր խեղկատակներու հետ

Ակռանին իմ վրաս կը կրճտէին։

17 Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի նայիս։

Ազատէ՛ իմ անձս անոնց աւերումներէն,

Իմ կեանքս՝ առիւծի կորիւններէն։

18 Այն ատեն մեծ ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ,

Մեծ բազմութեան մէջ քեզ պիտի օրհնեմ։

19 Զուր տեղը ինծի թշնամի եղողները՝ թող իմ վրաս չխնդան,

Առանց պատճառի զիս ատողները աչքով նշան թող չընեն։

20 Վասն զի խաղաղութիւն չեն խօսիր,

Հապա երկրի մէջ հանդարտներուն դէմ նենգութիւն կը խորհին,

21 Իրենց բերանը ինծի դէմ կը լայնցնեն՝ ըսելով.

«Վա՛շ, վա՛շ, մեր աչքերը տեսան»։

22 Ո՛վ Տէր, դուն տեսար, լուռ մի՛ կենար.

Ո՛վ Տէր, ինձմէ մի՛ հեռանար։

23 Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ Աստուածս ու Տէրս

Ու իմ դատաստանիս ու դատիս հսկէ։

24 Քու արդարութեանդ համեմատ իրաւունք ըրէ ինծի, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս,

Որպէս զի վրաս չխնդան.

25 Իրենց սրտին մէջ թող չըսեն թէ «Ահա մեր փափաքածը եղաւ»։

Ու թող չըսեն թէ «Կլլեցինք զանիկա»։

26 Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան

Անոնք, որ իմ չարիքիս վրայ կը խնդան.

Իմ վրաս հպարտացողները

Թող ամօթ եւ խայտառակութիւն հագնին։

27 Թող ցնծան եւ ուրախանան

Անոնք, որ իմ արդարութիւնս կ’ուզեն

Ու միշտ թող ըսեն. «Աստուած թող մեծնայ,

Որ իր ծառային խաղաղութիւն կ’ուզէ»։

28 Իմ լեզուս քու արդարութիւնդ պիտի պատմէ

Ու ամէն օր՝ քու գովութիւնդ։

ՄԱՐԴՈՒՆ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

36 1 Ամբարիշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է.

Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։

 Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝

Խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չ’ըլլար։

 Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են.

Իմաստութիւն չունի բարին ընելու համար։

 Իր անկողնին մէջ անօրէնութեան վրայ կը մտածէ

Ու կը կենայ այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ աղէկ չէ

Եւ չարէն չի զզուիր։

 Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի

Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։

 Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է,

Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է.

Մարդիկն ու անասունները դուն կ’ապրեցնես, ո՛վ Տէր։

 Ո՛վ Աստուած, ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ։

Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանաւորութեանը կ’ապաւինին։

 Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի կշտանան

Ու քու հաճութիւններուդ գետէն պիտի խմցնես անոնց։

 Վասն զի կեանքի աղբիւրը քու քովդ է.

Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։

10 Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ

Ու քու արդարութիւնդ՝ սրտով ուղիղներուն։

11 Ամբարտաւանութեան ոտքը թող իմ վրաս չգայ

Ու չարերուն ձեռքը զիս չշարժէ։

12 Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները.

Գետինը զարնուեցան ու չկրցան վեր ելլել։

ՉԱՐԻՆ ՈՒ ԲԱՐԻԻՆ ՎԻՃԱԿԸ

Սաղմոս Դաւիթի

37 1 Չարերուն համար մի՛ նեղանար,

Անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր,

 Վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին

Ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։

 Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛,

Երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր

 Ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի

Անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները։

 Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ

Ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ

 Ու դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ լոյսի պէս

Ու քու իրաւունքդ՝ կէսօրուան պէս։

 Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛

Եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին

Ու խաբէութիւն ընող մարդուն։

 Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։

Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս։

 Վասն զի չարագործները պիտի կորսուին,

Սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։

10 Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ,

Անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։

11 Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը

Ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։

12 Մեղաւորը արդարին դէմ դաւ կը լարէ

Ու անոր վրայ ակռաները կը կրճտէ։

13 Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանիկա,

Վասն զի անոր օրը հասնելու վրայ կը տեսնէ։

14 Մեղաւորները թուր քաշեցին

Ու աղեղնին լարեցին՝

Աղքատն ու տնանկը վար ձգելու համար,

Շիտակ ճամբու մէջ քալողները սպաննելու համար։

15 Անոնց թուրը իրենց սիրտը պիտի մտնէ

Ու անոնց աղեղները պիտի կոտրտուին։

16 Արդարին քիչ բանը

Ամբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է։

17 Վասն զի ամբարիշտներուն բազուկները պիտի կոտրուին,

Բայց արդարներուն ապաւէնը Տէրն է։

18 Տէրը արդարներուն օրերը գիտէ

Եւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ.

19 Փորձանքի ժամանակ պիտի չամչնան

Ու սովի օրերը պիտի կշտանան։

20 Բայց ամբարիշտները պիտի կորսուին

Ու Տէրոջը թշնամիները գառնուկներու ճարպին պէս պիտի սպառին,

Մուխի պէս պիտի ցնդին։

21 Ամբարիշտը փոխ կ’առնէ ու չի վճարեր.

Սակայն արդարը կ’ողորմի ու կու տայ։

22 Վասն զի անոր օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը,

Բայց անկէ անիծուածները պիտի կորսուին։

23 Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին

Ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։

24 Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի,

Վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ։

25 Տղայ էի ու ծերացայ,

Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ,

Կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։

26 Ամէն օր կ’ողորմի ու փոխ կու տայ

Եւ անոր սերունդը օրհնուած է։

27 Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛

Եւ յաւիտեան պիտի մնաս.

28 Վասն զի Տէրը կը սիրէ իրաւունքը

Եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր.

Յաւիտեան կը պահուին անոնք,

Բայց ամբարիշտներուն սերունդը պիտի կորսուի։

29 Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը

Ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին։

30 Արդարին բերանը իմաստութեամբ կը խօսի

Ու անոր լեզուն իրաւունքը կը յայտնէ։

31 Իր Աստուծոյն օրէնքը իր սրտին մէջ է

Եւ անոր քայլերը պիտի չսահին։

32 Մեղաւորը արդարը կը դիտէ

Եւ զանիկա մեռցնելու ետեւէ կ’ըլլայ։

33 Տէրը չարին ձեռքը պիտի չձգէ զանիկա

Եւ անոր դատաստանը տեսնուած ատեն պիտի չդատապարտէ զանիկա։

34 Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛

Եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։

Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես։

35 Ամբարիշտը զօրացած տեսայ

Ու իր տեղը կեցող կանանչ ծառի մը պէս տարածուած,

36 Բայց ան անցաւ ու ահա չկայ։

Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։

37 Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛.

Վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ,

38 Իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։

Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ,

39 Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է,

Նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։

40 Տէրը պիտի օգնէ անոնց եւ պիտի ազատէ զանոնք,

Ամբարիշտներէն պիտի ազատէ

Ու պիտի փրկէ զանոնք, վասն զի իրեն կը յուսան։

ՏԱՌԱՊՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

Սաղմոս Դաւիթի՝ յիշատակի համար

38 1 Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ

Ու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։

 Վասն զի քու նետերդ իմ ներսիդիս մխուեցան

Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս կը ճնշէ։

 Իմ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ՝ քու բարկութեանդ երեսէն

Ու ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս պատճառով,

 Վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան,

Ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան։

 Վէրքերս հոտեցան ու փտտեցան

Իմ յիմարութեանս պատճառով։

 Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ.

Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ,

 Վասն զի աղիքներս ջերմութիւնով լեցուեցան

Ու մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ։

 Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ.

Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։

 Ո՛վ Տէր, իմ ամէն բաղձանքս քու առջեւդ է

Ու իմ հեծութիւնս քեզմէ չծածկուեցաւ։

10 Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս պակսեցաւ

Ու իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ։

11 Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքիս պատճառով հեռու կը կենան,

Ազգականներս ալ հեռու կը կենան

12 Ու անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարեն

Ու ինծի չարիք ուզողները աւերումի մասին կը խօսին

Եւ ամէն օր նենգութեան մասին կը մտածեն։

13 Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսեր

Ու բերանը չբացող համրի մը պէս եմ։

14 Եւ ես այնպիսի մարդու մը պէս եմ, որ չի լսեր

Ու հակառակ խօսք չկայ իր բերանը։

15 Վասն զի, ո՛վ Տէր, ես քեզի կը յուսամ։

Դուն պիտի պատասխանես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։

16 Վասն զի ըսի. «Թող չխնդան իմ վրաս, անոնք որ

Ոտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ կը հպարտանան»։

17 Վասն զի ես կաղ ըլլալու պատրաստ եմ

Ու իմ ցաւս ամէն ատեն առջեւս է։

18 Վասն զի անօրէնութիւնս պիտի պատմեմ

Ու մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ։

19 Բայց թշնամիներս ողջ են, ուժովցան։

Զիս զուր տեղը ատողները շատցան։

20 Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողները

Ինծի դէմ կը կենան, վասն զի ես աղէկութեան ետեւէ կ’երթամ։

21 Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ Տէր,

Ո՛վ իմ Աստուածս, ինձմէ մի՛ հեռանար։

22 Ինծի օգնութիւն ընելու արտորցիր,

Ո՛վ Տէր, իմ փրկութիւնս։

ՏԱՌԱՊՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

39 1 Ըսի թէ ճամբաներուս զգուշութիւն ընեմ,

Որպէս զի լեզուովս մեղք չգործեմ։

Բերանս սանձով պահեմ՝

Ամբարիշտին իմ առջեւս եղած ատենը։

 Մունջ եղայ լռութիւնով,

Աղէկութեան վրայով ալ լռեցի

Ու ցաւս շարժեցաւ։

 Սիրտս բորբոքեցաւ ներսիդիս,

Ջերմութեանս մէջ կրակը վառեցաւ,

Այն ատեն լեզուովս խօսեցայ.

 «Ցուցո՛ւր ինծի, ո՛վ Տէր, իմ վերջս

Եւ օրերուս չափը որչափ է»,

Որպէս զի գիտնամ թէ ի՛նչպէս անցաւոր եմ։

 Ահա իմ օրերս թիզերու չափ դրիր

Ու իմ կեանքս ոչնչի պէս է քու առջեւդ։

Իրաւ ամէն մարդ թէեւ հաստատուած ըլլայ,

Բայց բոլորովին ունայնութիւն է։ (Սէլա։)

 Արդարեւ մարդը ստուերի մը պէս կը պտըտի.

Արդարեւ փուճ տեղը անհանգիստ կ’ըլլայ.

Կը դիզէ, բայց չի գիտեր թէ ո՞վ պիտի առնէ զանոնք։

 «Ու հիմա ի՞նչ բանի սպասեմ, ո՛վ Տէր.

Իմ յոյսս դուն ես։

 Փրկէ զիս իմ բոլոր յանցանքներէս,

Զիս յիմարներուն նախատինքին առարկայ մի՛ ըներ։

 Մունջ եղայ ու բերանս չբացի,

Վասն զի դուն ըրիր։

10 Քու հարուածդ հեռացո՛ւր ինձմէ.

Ձեռքիդ զարնելովը ես կորսուեցայ։

11 Անօրէնութեան համար յանդիմանութիւններով կը խրատես մարդը,

Ցեցի մը պէս կը մաշեցնես անոր ցանկալի բաները.

Իրաւ ամէն մարդ ունայնութիւն է։ (Սէլա։)

12 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս ու ակա՛նջ դիր աղաղակիս.

Արցունքներս մի՛ անտեսեր.

Վասն զի քու առջեւդ պանդուխտ մըն եմ ես,

Հիւր մը իմ բոլոր նախնիքներուս պէս։

13 Թոյլտուութիւն ըրէ ինծի, որ զուարթանամ,

Քանի որ չեմ գացեր այն տեղը որ ա՛լ պիտի չգտնուիմ»։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

40 1 Սպասելով սպասեցի Տէրոջը,

Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս

 Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց

Ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց

 Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը,

Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։

Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան

Ու Տէրոջը պիտի յուսան։

 Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ

Ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։

 Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես,

Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։

Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ

Մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ.

Պիտի պատմէի ու խօսէի,

Բայց համրանքէն աւելի շատ են։

 Զոհի ու ընծայի չհաւնեցար,

Հապա իմ ականջներս բացիր։

Ողջակէզ ու մեղքի պատարագ չպահանջեցիր։

 Այն ժամանակ ըսի թէ՝ «Ահա կու գամ ես.

Գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,

 Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ

Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։

 Արդարութիւն քարոզեցի շատ ժողովուրդի մէջ։

Ահա շրթունքներս չարգիլեցի,

Ո՛վ Տէր, դուն գիտես։

10 Սրտիս մէջ գաղտուկ չպահեցի քու արդարութիւնդ։

Հաւատարմութիւնդ ու փրկութիւնդ պատմեցի։

Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ժողովուրդէն չծածկեցի։

11 Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ հեռացներ ինձմէ.

Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

(Սաղմ. 70)

12 Վասն զի անթիւ չարիքներ զիս պատեցին.

Անօրէնութիւններս ինծի հասան ու ես չեմ կրնար տեսնել։

Գլխուս մազէն շատ են ու սիրտս զիս թողուց։

13 Ո՛վ Տէր, զիս փրկելու կամք ըրէ.

Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։

14 Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան

Իմ անձս փնտռողները՝ զանիկա կորսնցնելու համար։

Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան

Ինծի չարութիւն ուզողները։

15 Թող ամչնալով կործանին

Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։

16 Ամէն քեզ փնտռող

Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ։

Քու փրկութիւնդ սիրողները

Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Մեծ է Տէրը»։

17 Թէեւ ես աղքատ ու տնանկ եմ,

Սակայն Տէրը հոգ կը տանի ինծի։

Իմ օգնականս ու փրկիչս դո՛ւն ես։

Ո՛վ իմ Աստուածս, մի՛ ուշանար։

ՀԻՒԱՆԴԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

41 1 Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։

Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։

 Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա,

Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ

Ու թշնամիներուն կամքին պիտի չմատնէ զանիկա։

 Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ.

Անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը։

 Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի,

Բժշկէ՛ իմ անձս, վասն զի ես քեզի դէմ մեղանչեցի»։

 Թշնամիներս գէշ կը խօսին իմ վրայովս,

Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մեռնի ու անունը կորսուի»։

 Եթէ մէկը ինծի գալու ըլլայ զիս տեսնելու համար, ունայն խօսքեր կ’ըսէ։

Իր սիրտը անօրէնութիւն կը հաւաքէ իրեն համար,

Որպէս զի դուրս ելլելով խօսի։

 Ինծի դէմ մէկտեղ կը փսփսան բոլոր զիս ատողները,

Իմ վրայովս չարութիւն կը խորհին.

 Կ’ըսեն. «Չարութեան բան մը անոր վրայ թափեցաւ

Ու հիմա որ պառկած է, ա՛լ պիտի չելլէ»։

 Մինչեւ անգամ իմ բարեկամս, որու ապաւիներ էի,

Իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց։

10 Սակայն, ո՛վ Տէր, դուն ողորմէ՛ ինծի ու կանգնեցո՛ւր զիս

Ու ես փոխարէնը պիտի տամ անոնց։

11 Գիտեմ թէ՝ ինծի կը հաւնիս,

Անոր համար թշնամիս յաղթական չ’ըլլար։

12 Զիս իմ անմեղութեանս մէջ կը պահես

Ու յաւիտեան զիս քու առջեւդ կը կայնեցնես։

13 Օրհնեա՛լ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը՝

Յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ու ամէն։

ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

Կորխի որդիներուն երգը

42 1 Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի,

Այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած։

 Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն,

Ե՞րբ պիտի գամ ու երեւնամ Աստուծոյ առջեւ։

 Ցորեկ ու գիշեր արցունքներս ինծի հաց եղան,

Որովհետեւ ամէն օր ինծի կ’ըսեն. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։

 Այս բաները միտքս կը բերեմ

Ու հոգիս կը թափեմ իմ ներսիդիս,

Փափաքելով որ բազմութեան հետ երթամ,

Անոնց հետ հանդէսով Աստուծոյ տունը մտնեմ՝

Ուրախութեան ու օրհնութեան ձայնով,

Տօնախմբող բազմութեան հետ։

 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս

Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։

Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ,

Իր երեսին փրկութեանը համար։

 Ո՛վ իմ Աստուածս, հոգիս իմ ներսիդիս կը ցածնայ.

Անոր համար քեզ կը յիշեմ Յորդանանի երկրէն

Ու Հերմոններէն ու Փոքր լեռնէն։

 Անդունդը անդունդին կը կանչէ քու յորձանքներուդ ձայնովը.

Քու ամէն կոհակներդ ու ալիքներդ իմ վրայէս անցան։

 Ցորեկը Տէրը՝ պիտի պատուիրէ իր ողորմութեանը

Ու գիշերը իր երգը ինծի հետ պիտի ըլլայ

Ու աղօթք մը՝ իմ կեանքիս Աստուծոյն։

 Պիտի ըսեմ Աստուծոյ, իմ Վէմիս.

«Ինչո՞ւ զիս մոռցեր ես,

Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ

Թշնամիին հարստահարութենէն»։

10 Ոսկորներս կոտրտելու չափ՝ թշնամիներս զիս կը նախատեն՝

Ամէն օր ինծի ըսելով. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։

11 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս

Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։

Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ։

Ան է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։

ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

43 1 Իմ դատս տես, ո՛վ Աստուած ու իրաւունքս պաշտպանէ՛

Անաստուած ազգէն։

Նենգաւոր ու անօրէն մարդէն զիս ազատէ,

 Քանզի դուն ես իմ ամրութեանս Աստուածը։

Ինչո՞ւ զիս կը մերժես,

Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ

Թշնամիին հարստահարութենէն։

 Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի

Անոնք առաջնորդեն ինծի ու զիս հանեն

Քու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ։

 Աստուծոյ սեղանին քով պիտի երթամ,

Իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջեւ։

Քեզ քնարով պիտի գովեմ,

Ո՛վ Աստուած, իմ Աստուածս։

 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս

Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։

Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ.

Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Կորխի որդիներուն երգը

44 1 Ո՛վ Աստուած, մեր ականջներովը լսեցինք,

Հայրերնիս մեզի պատմեցին

Այն գործը, որ իրենց օրերուն մէջ գործեցիր՝

Հին ժամանակը։

 Դուն քու ձեռքովդ հեթանոսները քշեցիր

Ու զանոնք տնկեցիր։

Չարչարեցիր ժողովուրդները

Ու տարածեցիր զանոնք։

 Քանզի ո՛չ թէ իրենց սրովը ժառանգեցին երկիրը

Ու ո՛չ թէ իրենց բազուկը զիրենք փրկեց,

Այլ քու աջ ձեռքդ ու քու բազուկդ եւ քու երեսիդ լոյսը՝

Վասն զի անոնց հաճեցար։

 Դուն ինքդ ես իմ թագաւորս, ո՛վ Աստուած.

Դուն Յակոբին փրկութիւններ ապահովեցիր։

 Քեզմով մեր թշնամիները գետինը պիտի զարնենք.

Մեր վրայ ելլողները քու անունովդ ոտքի տակ պիտի առնենք։

 Վասն զի աղեղիս չեմ յուսար

Ու թուրս զիս չի կրնար ազատել.

 Հապա դուն մեզ կը փրկես մեր թշնամիներէն

Ու մեզ ատողները ամօթով կ’ընես։

 Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք

Ու յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք։ (Սէլա։)

 Սակայն մեզ մերժեցիր ու խայտառակ ըրիր

Ու մեր զօրքերուն հետ չելար։

10 Թշնամիէն մեզ ետ դարձուցիր

Ու մեզ ատողները մեզ կողոպտեցին։

11 Մեզ ոչխարի պէս ուտուելու տուիր

Ու հեթանոսներուն մէջ մեզ ցրուեցիր։

12 Քու ժողովուրդդ ոչինչ գնով ծախեցիր,

Առանց մեծ գին պահանջելու։

13 Մեր դրացիներուն առջեւ մեզ խայտառակ ըրիր,

Մեր բոլորտիքը եղողներուն՝ ծաղր ու ծանակ։

14 Մեզ հեթանոսներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ ըրիր

Ու ժողովուրդներուն մէջ գլուխ երերցնելու պատճառ։

15 Ամէն օր իմ նախատինքս առջեւս է

Ու երեսիս ամօթը զիս կը ծածկէ՝

16 Նախատողին ու հայհոյողին ձայնէն՝

Թշնամիին ու վրէժխնդրին երեսէն։

17 Այս ամէնը մեր վրայ եկաւ,

Սակայն մենք քեզ չմոռցանք եւ

Քու ուխտդ սուտ չհանեցինք։

18 Մեր սրտերը ետ չդարձան,

Մեր քալուածքները քու ճամբայէդ դուրս չելան.

19 Թէպէտ չագալներուն եղած տեղը մեզ ճզմեցիր

Ու մահուան ստուերովը մեզ ծածկեցիր։

20 Եթէ մեր Աստուծոյն անունը մոռցեր ենք,

Կամ օտար աստուծոյ ձեռքերնիս երկնցուցեր ենք,

21 Միթէ Աստուած այս բանը պիտի չփնտռէ՞,

Քանի որ ինք սրտին գաղտնիքները գիտէ,

22 Բայց ամէն օր քեզի համար կ’սպաննուինք,

Մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք։

23 Արթնցի՛ր, ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ կը քնանաս.

Ելի՛ր, մի՛ մերժեր մեզ յաւիտեան։

24 Ինչո՞ւ երեսդ կը ծածկես,

Մեր տրտմութիւնը ու տառապանքը կը մոռնաս։

25 Վասն զի մեր անձը մինչեւ հողը ծռեցաւ,

Մեր փորը գետինը փակաւ։

26 Ելի՛ր, օգնէ՛ մեզի

Ու ազատէ՛ մեզ քու անուանդ համար։

ԵՐԳ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ՄԸ

Կորխի որդիներուն քերթուածը. երգ սիրոյ

45 1 Իմ սրտէս բարի խօսք կը բղխի

Շարադրածս թագաւորին համար է,

Իմ լեզուս արագագիր դպիրին գրչին պէս է։

 Դուն մարդոց որդիներէն աւելի գեղեցիկ ես.

Քու շրթունքներէդ շնորհք կը հոսի.

Անոր համար Աստուած քեզ օրհնեց յաւիտեան։

 Ո՛վ Հզօր, թուրդ մէջքդ կապէ

Քու փառքովդ ու վայելչութիւնովդ։

 Ու քու վայելչութիւնովդ յառաջացիր։

Ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծիր

Ու քու աջ ձեռքդ քեզի ահաւոր բաներ պիտի սորվեցնէ։

 Քու նետերդ սուր են

Ու թագաւորին թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են։

Ժողովուրդները քու տակդ պիտի իյնան։

 Ո՛վ Աստուած, քու աթոռդ յաւիտեանս յաւիտենից կը տեւէ։

Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է։

 Արդարութիւնը կը սիրես ու անօրէնութիւնը կ’ատես.

Անոր համար, Աստուած, քու Աստուածդ,

Ուրախութեան իւղով քեզ օծեց քու ընկերներէդ աւելի։

 Քու բոլոր հանդերձներդ զմուռս ու հալուէ եւ կասիա կը բուրեն.

Փղոսկրէ պալատներէն նուագարաններուն լարերը քեզ ուրախացուցին։

 Թագաւորներու աղջիկները քու պատուոյ տիկիններուդ մէջ են.

Թագուհին քու աջ կողմդ կը կանգնի Ոփիրի ոսկիով զարդարուած։

10 Ո՛վ աղջիկ, լսէ՛ ու տե՛ս եւ քու ականջդ ծռէ՛.

Մոռցի՛ր քու ժողովուրդդ ու քու հօրդ տունը։

11 Այն ատեն թագաւորը պիտի ցանկայ քու գեղեցկութեանդ,

Վասն զի ան է քու տէրդ, ուստի խոնարհիր անոր առջեւ։

12 Տիւրոսի աղջիկը ու ժողովուրդին հարուստները

Ընծայով պիտի խնդրեն քու շնորհքդ։

13 Թագաւորին աղջիկը փառաւոր է,

Ոսկի թելով հիւսուած է իր հանդերձը։

14 Նկարազարդ հանդերձով պիտի բերուի թագաւորին.

Անոր ընկերացող աղջիկները քեզի պիտի բերուին։

15 Ցնծութիւնով եւ ուրախութիւնով պիտի բերուին,

Թագաւորին պալատը պիտի մտնեն։

16 Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան.

Բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք։

17 Քու անունդ հռչակել պիտի տամ ազգէ մինչեւ ազգ.

Անոր համար ժողովուրդները քեզ պիտի գովեն յաւիտեանս յաւիտենից։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է

Կորխի որդիներուն երգը

46 1 Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է.

Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։

 Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի

Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին,

 Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին,

Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։)

 Գետին վտակները պիտի ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը,

Բարձրելոյն սուրբ բնակարանները։

 Աստուած անոր մէջ է, անիկա պիտի չսասանի.

Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուն կանուխ։

 Հեթանոսները կը խռովին, թագաւորութիւնները կը շարժին.

Բարձրեալը իր ձայնը կու տայ, երկիր կը հալի։

 Զօրաց Տէրը մեզի հետ է.

Յակոբին Աստուածը մեր ապաւէնն է։ (Սէլա։)

 Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը,

Որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։

 Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը.

Աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ։

10 Հանդարտ կեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ՝ ես եմ Աստուած.

Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։

11 Զօրաց Տէրը մեզի հետ է,

Յակոբին Աստուածը մեզի ապաւէն է։ (Սէլա։)

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ

Կորխի որդիներուն Սաղմոսը

47 1 Ծափ զարկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր,

Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։

 Վասն զի Տէրը Բարձրեալ եւ Ահարկու է.

Բոլոր երկրի վրայ Մեծ Թագաւոր է։

 Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ

Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։

 Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը,

Յակոբին փառաւորութիւնը՝ որ ինք սիրեց։ (Սէլա։)

 Աստուած ցնծութիւնով վեր ելաւ,

Տէրը՝ փողի ձայնով։

 Սաղմոս երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք.

Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին. սաղմոս երգեցէ՛ք.

 Վասն զի Աստուած թագաւոր է բոլոր երկրի վրայ։

Երգ երգեցէ՛ք անոր։

 Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ,

Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։

 Ժողովուրդին իշխանները հաւաքուեցան

Աբրահամին Աստուծոյն ժողովուրդին հետ

Վասն զի երկրին ասպարները Աստուծոյն են.

Ինք խիստ բարձրացած է։

ՍԻՕՆ, ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՔԱՂԱՔԸ

Կորխի որդիներուն երգն ու Սաղմոսը

48 1 Տէրը մեծ է ու խիստ օրհնեալ է

Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ,

Իր սուրբ լերանը վրայ։

 Գեղեցիկ բարձրութիւնով,

Բոլոր երկրին ուրախութիւնը՝

Հիւսիսային կողմերը եղող Սիօն լեռն է,

Մեծ Թագաւորին քաղաքը։

 Աստուած անոր պալատներուն մէջ

Իբր ապաւէն ճանչցուած է։

 Վասն զի ահա թագաւորները հաւաքուեցան,

Անոնք միացան իրարու։

 Անոնք տեսան ու զարմացան.

Զարհուրեցան ու շուտով փախան։

 Հոն դող մը բռնեց զանոնք

Ու ցաւը՝ զաւակ ծնանողի ցաւի պէս։

 Արեւելեան հովով

Թարսիսի նաւերը կը խորտակես։

 Ինչպէս լսեցինք, այնպէս ալ տեսանք

Զօրութիւններու Տէրոջը քաղաքին մէջ,

Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ.

Աստուած զանիկա պիտի հաստատէ յաւիտեան։ (Սէլա։)

 Ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ վրայ կը մտածենք

Քու տաճարիդ մէջ։

10 Քու գովութիւնդ, ո՛վ Աստուած,

Քու անուանդ պէս մինչեւ երկրի ծայրերն է.

Արդարութիւնով լեցուն է քու աջ ձեռքդ։

11 Սիօն լեռը թող ուրախանայ,

Ու Յուդային աղջիկները թող ցնծան

Քու դատաստաններուդ համար։

12 Սիօնին չորս կողմը պտըտեցէ՛ք

Ու անոր բոլորտիքը շարուեցէ՛ք

Ու աշտարակները համրեցէ՛ք.

13 Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք անոր պարիսպները,

Անոր պալատները զննեցէ՛ք,

Որպէս զի գալու ազգին պատմէք։

14 Վասն զի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից.

Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ։

ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀԵԼՈՒ ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կորխի որդիներուն Սաղմոսը

49 1 Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ բոլոր ազգեր,

Ակա՛նջ դրէք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ,

 Ռամիկներ ու ազնուականներ,

Հարուստներ ու աղքատներ մէկտեղ։

 Բերանս իմաստութիւն պիտի խօսի

Ու սրտիս խորհուրդները՝ հանճար։

 Իմ ականջս առակի պիտի ծռեմ,

Հանելուկս քնարով պիտի լուծեմ։

 Ինչո՞ւ վախնամ չար օրերու մէջ

Երբ դարանակալներու անօրէնութիւնը չորս կողմս կը պատէ։

 Իրենց զօրութեանը յուսացողներէն

Ու իրենց հարստութեանը շատութիւնովը հպարտացողներէն

 Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը,

Ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել,

 (Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը,

Երբեք կարելի չէ գոհացնել։)

 Որպէս զի ապրի յաւիտեան

Ու ապականութիւն չտեսնէ։

10 Վասն զի կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին,

Յիմարը ու անխելքը մէկտեղ կը կորսուին

Ու իրենց ստացուածքները ուրիշներուն կը թողուն։

11 Անոնք կը կարծեն թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի մնան

Ու իրենց բնակարանները՝ ազգէ մինչեւ ազգ.

Երկիրները իրենց անուններովը կը կոչեն։

12 Բայց մարդը պատուոյ մէջ չի մնար,

Անասուններուն նման է, որոնք կը կորսուին։

13 Անոնց այս ճամբան իրենց յիմարութիւն է,

Սակայն անոնց ետեւէն եկողները անոնց խօսքէն պիտի հաճոյանան։ (Սէլա։)

14 Անոնք ոչխարներու պէս գերեզմանը պիտի դրուին։

Մահը անոնց հովիւը պիտի ըլլայ։

Ուղիղը զանոնք գերեզմանը պիտի իջեցնէ.

Առտուն անոնց կերպարանքը պիտի կորսուի.

Գերեզմանը անոնց բնակարան պիտի ըլլայ։

15 Սակայն Աստուած գերեզմանին իշխանութենէն պիտի փրկէ իմ անձս,

Վասն զի զիս պիտի ընդունի։ (Սէլա։)

16 Մի՛ վախնար, երբ մարդ մը հարստանայ

Ու անոր տանը փառքը շատնայ.

17 Վասն զի մեռնելու ատենը ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանի

Ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ։

18 Թէպէտեւ իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէր։

(Ու մարդ կը գովուի, երբ իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ։)

19 Սակայն իր նախահայրերուն պիտի երթայ

Ու ալ երբեք լոյս պիտի չտեսնեն։

20 Մարդը, որ պատուոյ մէջ եղած ատեն իմաստուն չեղաւ՝

Անասուններու կը նմանի, որոնք կը կորսուին։

ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Սաղմոս Ասափի

50 1 Աստուածներուն Աստուածը, Տէրը, խօսեցաւ

Ու երկիրը կանչեց արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք։

 Սիօնէն, գեղեցկութեան կատարելութենէն,

Աստուած փայլեցաւ։

 Մեր Աստուածը պիտի գայ ու պիտի չլռէ.

Անոր առջեւ մաշող կրակ,

Ու բոլորտիքը սաստիկ փոթորիկ պիտի ըլլայ։

 Վերէն պիտի կանչէ երկինքը

Ու երկիրը՝ իր ժողովուրդը դատելու համար։

 «Ինծի հաւաքեցէք իմ սուրբերս

Ու ինծի հետ զոհով ուխտ ընողները»։

 Երկինքները անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն,

Վասն զի Աստուած ինք դատաւոր է։ (Սէլա։)

 «Լսէ՛, ով իմ ժողովուրդս ու խօսիմ,

Ով Իսրայէլ ու քեզի վկայութիւն ընեմ,

Թէ ես եմ Աստուած, քու Աստուածդ։

 Ոչ թէ քու զոհերուդ համար քեզ կը յանդիմանեմ

Ու քու ողջակէզներուդ համար՝ որոնք միշտ իմ առջեւս են։

 Քու տունէդ զուարակ չեմ առներ,

Ոչ ալ քու գոմերէդ՝ նոխազներ։

10 Վասն զի իմս են անտառին բոլոր գազանները,

Հազարաւոր լեռներուն անասունները։

11 Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռչունները

Ու դաշտի գազանները իմ քովս են»։

12 «Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ.

Վասն զի աշխարհ ու անոր լիութիւնը իմս է։

13 Միթէ ես ցուլերու միս կ’ուտե՞մ

Կամ նոխազներու արիւն կը խմե՞մ։

14 Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ,

Ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն

15 Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ.

Ես քեզ պիտի ազատեմ ու դուն զիս պիտի փառաւորես»։

16 Սակայն Աստուած ամբարշտին կ’ըսէ.

«Քեզի ի՞նչ՝ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմես

Ու իմ ուխտս բերանդ կ’առնես։

17 Վասն զի դուն խրատը ատեցիր

Ու իմ խօսքերս ետիդ ձգեցիր.

18 Գողը տեսնելով՝ անոր հետ միաբանեցար

Ու շնացողներուն հետ բաժին ունեցար.

19 Քու բերանդ չարութեան տուիր,

Ու քու լեզուդ նենգութիւն կը հնարէ.

20 Կը նստիս եղբօրդ դէմ կը խօսիս,

Մօրդ որդիին դէմ չարախօսութիւն կ’ընես։

21 Այս բաները ըրիր ու ես լռեցի.

Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի կը նմանիմ,

Բայց քեզ պիտի յանդիմանեմ

Ու աչքերուդ առջեւ պիտի շարեմ քու ըրածներդ։

22 Արդ, իմացէ՛ք ասիկա, ո՛վ դուք Աստուած մոռցողներ,

Չըլլայ որ ձեզ պատռեմ եւ ազատող մըն ալ չգտնուի։

23 Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ.

Ու իր ճամբուն զգուշութիւն ընողին

Պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը Նաթան մարգարէին եկած ժամանակը

51 1 Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ համեմատ,

Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։

 Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա

Ու իմ մեղքէս զիս սրբէ։

 Վասն զի ես կը ճանչնամ իմ յանցանքներս

Ու իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է։

 Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի

Եւ քու աչքերուդ առջեւ չարութիւն ըրի,

Որպէս զի արդար ըլլաս խօսքերուդ մէջ

Ու անարատ ըլլաս դատաստանիդ մէջ։

 Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ

Ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս։

 Ահա դուն ճշմարտութիւն կ’ուզես երիկամունքներու մէջ.

Ու ծածուկ տեղը իմաստութիւնդ պիտի յայտնես ինծի։

 Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս ու մաքուր պիտի ըլլամ։

Զիս լուայ ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ։

 Ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուր զիս։

Թող ցնծան այն ոսկորները, որոնք կոտրեցիր։

 Իմ մեղքերէս երեսդ ծածկէ՛

Ու բոլոր անօրէնութիւններս ջնջէ՛։

10 Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛

Եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ։

11 Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր

Ու քու Սուրբ Հոգիդ ինձմէ մի՛ առներ։

12 Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւր

Ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ՛ զիս։

13 Ամբարիշտներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդ

Ու մեղաւորները քեզի պիտի դառնան։

14 Ո՛վ Աստուած, իմ փրկութեանս Աստուածը,

Փրկէ՛ զիս արիւնահեղութենէ.

Լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի քու արդարութեանդ վրայով։

15 Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ց

Ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ։

16 Վասն զի զոհի չես հաճիր, որ զանիկա մատուցանեմ։

Դուն ողջակէզի ա՛լ չես հաճիր։

17 Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է.

Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր։

18 Քու բարեսրտութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ,

Երուսաղէմի պարիսպները շինէ։

19 Այն ատեն պիտի հաճիս արդարութեան զոհերուն,

Ողջակէզներուն ու բոլորովին այրուած զոհերուն.

Այն ատեն քու սեղանիդ վրայ զուարակներ պիտի մատուցանեն։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՇՆՈՐՀՔԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Դովեկ իմացուց Սաւուղին թէ Դաւիթ Աքիմելէքին տունն է

52 1 Ինչո՞ւ անօրէնութիւնով կը պարծիս, ո՛վ բռնաւոր.

Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է։

 Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ

Եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ։

 Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես

Ու ստութիւնը՝ արդարութիւն խօսելէն աւելի։ (Սէլա։)

 Ամէն կործանման խօսք

Ու նենգաւոր լեզու կը սիրես։

 Ուստի Աստուած յաւիտեան քեզ պիտի կործանէ,

Քեզ պիտի բռնէ ու քեզ հանէ քու բնակարանէդ

Ու քեզ արմատէդ պիտի խլէ կենդանիներուն երկրէն։ (Սէլա։)

 Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան

Ու անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով.

 «Ահա այն մարդը, որ Աստուած իրեն ապաւէն չըրաւ,

Հապա իր շատ հարստութեանը վստահեցաւ

Ու իր անօրէնութիւնովը զօրացաւ»։

 Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ.

Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից։

 Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան,

Որ այս բանը կատարեցիր

Ու քու անուանդ պիտի յուսամ,

Վասն զի բարի է սուրբերուդ առջեւ։

ՄԱՐԴՈՑ ԱՆԶԳԱՄՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը

53 1 Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։

Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։

Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։

 Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ,

Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը,

Որ Աստուած փնտռէ։

 Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.

Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։

 Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները,

Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն

Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։

 Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար.

Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։

Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։

 Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։

Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝

Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։

ԱՂՕԹՔ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Զիփացիք ըսին Սաւուղին. «Ահա Դաւիթ մեր քով պահուած է»

54 1 Ո՛վ Աստուած, քու անունովդ զիս ազատէ

Ու քու զօրութիւնովդ իրաւունք ըրէ ինծի։

 Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս։

Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր,

 Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան

Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս

Ու Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սէլա։)

 Ահա Աստուած ինծի օգնական է։

Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։

 Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ։

Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։

 Ես իմ կամքովս քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ,

Ո՛վ Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ, վասն զի բարի է,

 Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց

Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։

ԲԱՐԵԿԱՄԷ ՄԸ ՄԱՏՆՈՒԱԾԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը

55 1 Ո՛վ Աստուած, ականջ դիր իմ աղօթքիս

Ու իմ խնդրուածքէս քու երեսդ մի՛ ծածկեր։

 Մտի՛կ ըրէ ու պատասխանէ՛ ինծի։

Իմ գանգատովս կը մոլորիմ ու կը խռովիմ,

 Թշնամիին ձայնէն ու ամբարշտին նեղութիւն տալէն,

Վասն զի իմ վրաս անիրաւութիւն կը բերեն

Ու բարկութիւնով զիս կը հալածեն։

 Սիրտս դողաց իմ ներսիդիս

Ու մահուան արհաւիրքները իմ վրաս ինկան։

 Վախ ու դող եկաւ իմ վրաս

Ու սոսկումը զիս ծածկեց

 Ու ըսի. «Երանի՜ թէ աղաւնիի թեւեր ունենայի,

Որպէս զի թռչէի ու հանգիստ ըլլայի։

 Հեռուն պիտի փախչէի,

Անապատին մէջ պիտի բնակէի։ (Սէլա։)

 Սաստիկ հովէն ու փոթորիկէն

Փախչիլ պիտի արտորայի, ապաստան մը գտնելու համար»։

 Ո՛վ Տէր, կորսնցո՛ւր, անոնց լեզուները բաժնէ՛,

Վասն զի քաղաքին մէջ բռնութիւն ու կռիւ տեսայ։

10 Ցորեկ ու գիշեր անոր չորս կողմը, անոր պարիսպներուն վրայ կը պտըտին.

Անօրէնութիւն ու չարիք կայ անոր մէջ։

11 Անոր մէջ եղեռնագործութիւն կայ

Եւ բռնութիւնը ու նենգութիւնը անոր հրապարակներէն չեն հեռանար,

12 Վասն զի թշնամին չէր զիս նախատողը, որ համբերէի.

Կամ ատողը չէր իմ վրաս հպարտացողը, որ անկէ պահուէի։

13 Հապա դո՛ւն, ո՛վ մարդ, իմ հաւասա՛րս,

Իմ ընկե՛րս ու ճանչուո՛րս,

14 Որ իրարու հետ անոյշ խօսակցութիւն կ’ունենայինք

Եւ բազմութեան հետ Աստուծոյ տունը կ’երթայինք։

15 Մահը յանկարծ անոնց վրայ պիտի հասնի

Ու ողջ ողջ գերեզմանը պիտի իջնեն,

Վասն զի իրենց բնակարաններուն ու իրենց մէջ չարութիւն կայ,

16 Իսկ ես Աստուծոյ պիտի կանչեմ

Ու Տէրը զիս պիտի փրկէ։

17 Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի գանգատիմ ու հառաչեմ։

Անիկա պիտի լսէ իմ ձայնս։

18 Խաղաղութիւնով պիտի փրկէ իմ անձս այն պատերազմէն, որ կը մղեմ,

Վասն զի շատ թշնամիներ ինծի կը մօտենան։

19 Աստուած պիտի լսէ

Ու յաւիտենականութեան մէջ բնակողը պիտի խոնարհեցնէ զանոնք. (Սէլա։)

Որովհետեւ չեն փոխուիր անոնք

Ու Աստուծմէ չեն վախնար։

20 Ձեռքը իրեն հետ հաշտ եղողներուն վրայ երկնցուց,

Իր ուխտը աւրեց։

21 Անոր բերնին խօսքերը կոգիէն կակուղ են,

Բայց անոր սրտին մէջ պատերազմ կայ։

Անոր խօսքերը ձէթէն կակուղ են,

Բայց մերկ սուրեր են։

22 Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛

Ու ան քեզ պիտի խնամէ.

Անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ։

23 Բայց դուն, ո՛վ Աստուած, զանոնք ապականութեան գուբին մէջ պիտի իջեցնես.

Արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդիկ օրերնուն կիսուն պիտի չհասնին,

Սակայն ես քեզի պիտի յուսամ։

ԱՂՕԹՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը երբ Փղշտացիք բռնեցին զանիկա

56 1 Ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի,

Վասն զի մարդը կ’ուզէ զիս կլլել.

Ամէն օր պատերազմ ընելով զիս կը նեղէ։

 Թշնամիներս ամէն օր կ’ուզեն զիս կլլել,

Վասն զի շատ մարդիկ ամբարտաւանութիւնով ինծի հետ կը մարտնչին։

 Երբ վախնամ քեզի պիտի յուսամ։

 Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը.

Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ.

Մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։

 Ամէն օր իմ բաներուս վնաս կու տան,

Իմ վրայովս անոնց բոլոր խորհուրդները չարիքի համար են։

 Կը հաւաքուին ու կը պահուին,

Իմ շաւիղներս կը դիտեն,

Վասն զի իմ անձիս կը սպասեն։

 Միթէ անօրէնութիւնով անոնց փրկութիւն կ’ըլլա՞յ.

Բարկութիւնով ժողովուրդները վար ձգէ՛, ո՛վ Աստուած։

 Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր,

Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։

Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն։

 Երբ քեզի կանչեմ, ետ պիտի դառնան իմ թշնամիներս.

Գիտեմ թէ Աստուած ինծի հետ է։

10 Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը,

Տէրոջմով պիտի գովեմ իր խօսքը։

11 Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ.

Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։

12 Ո՛վ Աստուած, քեզի հետ ունեցած ուխտս պիտի կատարեմ։

Քեզի շնորհակալութեան զոհ պիտի մատուցանեմ,

13 Որովհետեւ իմ անձս մահուանէ ազատեցիր։

Ոտքերս ալ անկումէ չե՞ս ազատեր,

Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ քալեմ կեանքի լոյսին մէջ։

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը. Սաւուղի երեսէն փախած ատեն

57 1 Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի,

Վասն զի իմ անձս քեզի կը յուսայ։

Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ,

Մինչեւ որ թշուառութիւնները անցնին։

 Բարձրեալ Աստուծոյն պիտի աղաղակեմ,

Իմ բարերար Աստուծոյս։

 Երկնքէն պիտի ղրկէ ու փրկէ՛ զիս

Ու զիս կլլել ուզողները պիտի նախատէ. (Սէլա.)

Աստուած պիտի ղրկէ իր ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը։

 Իմ անձս առիւծներու մէջ է.

Բոց փչող մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ,

Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են

Եւ անոնց լեզուները սրած թուրեր են։

 Ո՛վ Աստուած, երկնքի վրայ բարձրացիր.

Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։

 Իմ քայլերուս որոգայթ պատրաստեցին,

Անձս խոնարհեցաւ,

Փոս փորեցին առջեւս,

Բայց իրենք ինկան անոր մէջ։ (Սէլա։)

 Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է.

Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ։

 Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս.

Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար.

Ես կանուխ պիտի արթննամ։

 Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ

Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ.

10 Վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք

Ու քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ ամպերը։

11 Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած,

Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։

ԱՂՕԹՔ ՉԱՐԸ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը

58 1 Իրաւցնէ անբարբառ արդարութի՞ւն կը խօսիք,

Ուղղութիւնով դատաստա՞ն կը տեսնէք, ո՛վ մարդոց որդիներ։

 Արդարեւ սրտով անօրէնութիւններ կը գործէք,

Երկրի վրայ ձեռքերով բռնութիւն կը բանեցնէք։

 Ամբարիշտները իրենց մօրը արգանդէն խոտորեցան,

Որովայնէն մոլորեցան եւ սուտ խօսեցան։

 Անոնց թոյնը օձի թոյնի պէս է,

Խուլ իժի պէս, որ կը գոցէ իր ականջները,

 Որ չի լսեր թովիչներուն ձայնը,

Թէեւ վարպետութեամբ կը հմայեն։

 Ո՛վ Աստուած, անոնց ակռաները իրենց բերաններուն մէջ փշրէ։

Ո՛վ Տէր, առիւծի կորիւններուն ժանիքները կոտրտէ։

 Թող անոնք հալին ջուրերու պէս, որ կը հոսին.

Երբ իրենց աղեղները լարեն, թող կոտրտին։

 Խխունջի պէս՝ որ քալած ատենը կը հալի,

Կնոջ մը վիժած զաւակին պէս արեւը չտեսնեն։

 Ձեր կաթսաներուն՝ փուշերուն կրակը զգալէն առաջ,

Թէ՛ թարմ եւ թէ՛ այրուող փուշերը փոթորիկով պիտի ցրուէ։

10 Արդարը պիտի ուրախանայ, երբ վրէժխնդրութիւնը տեսնէ.

Իր ոտքերը ամբարշտին արիւնին մէջ պիտի լուայ։

11 Ու մարդը պիտի ըսէ. «Իրաւցնէ արդարին համար վարձք կայ.

Իրաւցնէ Աստուած կայ, որ երկրի վրայ դատաւոր է»։

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ իր տունը պաշարեցին զինք մեռցնելու համար

59 1 Թշնամիներէս զիս փրկէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս.

Իմ վրաս ելլողներէն զիս պաշտպանէ՛։

 Անօրէնութիւն գործողներէն զիս ազատէ՛

Ու արիւնահեղ մարդոցմէն զիս փրկէ՛։

 Վասն զի ահա իմ անձիս համար դարանը մտան,

Զօրաւոր մարդիկ իմ վրաս հաւաքուեցան։

Ո՛չ թէ մեղքիս ու յանցանքիս համար, ո՛վ Տէր։

 Մեղք չունեցած ատենս ալ վրաս վազեցին ու պատրաստուեցան.

Արթնցի՛ր, զիս դիմաւորէ՛ եւ նայէ՛։

 Ո՛վ Տէր Աստուած զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի,

Արթնցի՛ր եւ բոլոր հեթանոսները քննէ՛։

Չար անօրէններուն բնաւ մի՛ ողորմիր։ (Սէլա։)

 Անոնք իրիկունը ետ կու գան,

Շան պէս կ’ոռնան

Ու քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։

 Ահա իրենց բերնէն չարութիւն դուրս կը թափեն,

Անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան,

Վասն զի կ’ըսեն. «Ո՞վ պիտի լսէ»։

 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս։

Բոլոր հեթանոսները ծաղր պիտի ընես։

 Ո՛վ իմ զօրութիւնս, քեզի պիտի սպասեմ,

Վասն զի Աստուած է իմ ապաւէնս։

10 Ողորմութեանս Աստուածը ինծի պիտի հասնի.

Աստուած պիտի ցուցնէ ինծի թշնամիներուս կորուստը։

11 Մի՛ մեռցներ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդս չմոռնայ.

Զանոնք ցիրուցան ըրէ՛ քու զօրութիւնովդ

Ու վար ձգէ՛ զանոնք, ո՛վ Տէր, մեր վահանը։

12 Անոնք իրենց բերաններուն մեղքին ու շրթունքներուն խօսքին համար

Իրենց ամբարտաւանութեանը մէջ թո՛ղ բռնուին,

Նաեւ անէծքին ու սուտին համար որ կը խօսին։

13 Կորսնցո՛ւր բարկութիւնով, կորսնցո՛ւր զանոնք՝ որպէս զի ոչնչանան

Ու գիտնան թէ Աստուած կը տիրէ Յակոբին վրայ

Մինչեւ երկրին ծայրերը։ (Սէլա։)

14 Անոնք իրիկունը ետ կու գան,

Շան պէս ոռնալով,

Քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։

15 Ուտելիքի համար պիտի թափառին,

Եթէ չկշտանան՝ գիշերը այնպէս պիտի անցընեն։

16 Բայց ես քու զօրութիւնդ պիտի փառաբանեմ

Ու առտուն քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ,

Վասն զի դուն ինծի պահապան եղար

Ու ապաւէն՝ իմ նեղութեանս օրը։

17 Ո՛վ իմ զօրութիւնս, քեզի սաղմոս պիտի երգեմ,

Վասն զի իմ պաշտպանս Աստուած է,

Իմ ողորմութեանս Աստուածը։

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ տասներկու հազար հոգի զարկաւ

60 1 Ո՛վ Աստուած, մեզ երեսէ ձգեցիր,

Մեզի բարկացար ու ցրուեցիր։

Մեզի դարձիր։

 Երկիրը դողացուցիր, զանիկա պատռեցիր։

Անոր փլած տեղերը նորոգէ՛, վասն զի կ’երերայ։

 Քու ժողովուրդիդ խստութիւն ցուցուցիր.

Մեզի թմրութեան գինի խմցուցիր։

 Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր,

Ճշմարտութեան համար վերցնելու,

 Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։

Աջ ձեռքովդ ապրեցո՛ւր ու պատասխան տո՛ւր ինծի։

 Աստուած իր սրբութիւնովը խօսեցաւ, ուստի

Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ

Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։

 Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն,

Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է.

Յուդան իմ օրէնսդիրս է։

 Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է.

Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս։

Ո՛վ Փղշտացիներ, ինծի համար ձայնով ցնծացէ՛ք։

 Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը.

Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։

10 Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ

Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։

11 Նեղութեան մէջ մեզի օգնութիւն տուր.

Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։

12 Աստուծմով քաջութիւն պիտի ընենք.

Ու ան պիտի արհամարհէ մեր թշնամիները։

ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

61 1 Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղաղակս

Ու մտիկ ըրէ՛ իմ աղօթքիս։

 Երկրի ծայրէն քեզի պիտի կանչեմ՝ սրտիս մարելու ատենը,

Դէպի ինձմէ բարձր եղած վէմը առաջնորդէ՛ զիս։

 Վասն զի դուն ինծի ապաւէն եղար,

Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։

 Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան.

Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ։ (Սէլա։)

 Վասն զի դուն՝ ո՛վ Աստուած՝ լսեցիր իմ ուխտերս.

Քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը ինծի տուիր։

 Թագաւորին օրերուն վրայ օրեր պիտի աւելցնես.

Անոր տարիները ազգէ մինչեւ ազգ թող տեւեն։

 Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ պիտի նստի։

Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պիտի պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։

 Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան,

Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։

ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՐԱՅ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

62 1 Յիրաւի իմ անձս լռիկ միայն Աստուծոյ կը սպասէ։

Անկէ է իմ փրկութիւնս.

 Յիրաւի ա՛ն է իմ վէմս ու փրկութիւնս.

Իմ ապաւէնս է, բնաւ պիտի չսասանիմ։

 Մինչեւ ե՞րբ մարդու վրայ պիտի յարձակիք.

Դուք ամէնքդ, որպէս զի կոտրտէք զանիկա,

Ծռած պատի ու խախտած ցանկապատի պէս։

 Արդարեւ իր բարձրութենէն ձգել կը ծրագրեն,

Ստութիւն կը սիրեն.

Իրենց բերնովը կ’օրհնեն.

Բայց իրենց սրտովը կ’անիծեն։ (Սէլա։)

 Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ,

Վասն զի անկէ է իմ յոյսս։

 Յիրաւի ան է իմ վէմս ու փրկութիւնս.

Իմ ապաւէնս է։ Պիտի չսասանիմ։

 Աստուծմէ է իմ փրկութիւնս ու փառքս։

Իմ զօրութեանս վէմը ու իմ ապաւէնս Աստուած է։

 Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ.

Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք,

Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։)

 Արդարեւ ռամիկ մարդիկը փուճ են,

Ազնուական մարդիկը սուտ են։

Եթէ կշիռքի մէջ դրուելու ըլլան,

Ամէնքն ալ ունայնութենէն թեթեւ են։

10 Հարստահարութեան մի՛ յուսաք,

Յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք.

Հարստութիւնը եթէ շատնայ,

Սրտերնիդ թող չվստահի անոր։

11 Մէկ անգամ խօսեցաւ Աստուած.

Երկու անգամ լսեցի ասիկա,

Թէ զօրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի։

12 Ողորմութիւնն ալ քուկդ է, ո՛վ Տէր,

Վասն զի ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցում կ’ընես։

ՓԱՓԱՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի, երբ ինք Յուդայի անապատին մէջ էր

63 1 Ո՛վ Աստուած, դո՛ւն ես իմ Աստուածս,

Ես առտուն քեզ կը փնտռեմ.

Հոգիս կը ծարաւի քեզի ու մարմինս քեզի կը փափաքի

Չոր ու ծարաւ տեղը, ուր ջուր չկայ։

 Քու զօրութիւնդ ու փառքդ տեսնելու համար

Ինչպէս քեզ տեսած եմ սրբարանին մէջ։

 Որովհետեւ քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է։

Իմ շրթունքներս քեզ պիտի գովեն։

 Այսպէս պիտի օրհնեմ քեզ իմ կեանքիս ընթացքին,

Քու անունովդ ձեռքերս վեր պիտի վերցնեմ։

 Իբր թէ ճարպով ու պարարտութիւնով պիտի կշտանայ իմ անձս

Ու ցնծութեան շրթունքներով պիտի գովէ քեզ իմ բերանս։

 Անկողնիս վրայ քեզ կը յիշեմ,

Գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ.

 Վասն զի ինծի օգնական եղար

Ու քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ցնծամ։

 Իմ անձս քեզի կը յարի,

Քու աջ ձեռքդ զիս կը պահէ.

 Բայց անոնք որ անձս կը փնտռեն զանիկա կորսնցնելու համար,

Գետնին խորունկ տեղերը պիտի մտնեն,

10 Սուրի պիտի մատնուին,

Աղուէսներու բաժին պիտի ըլլան։

11 Բայց թագաւորը Աստուծմով պիտի ուրախանայ,

Բոլոր անով երդում ընողները պիտի պարծենան,

Իսկ ստախօսներուն բերանը պիտի պապանձի։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

64 1 Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ ձայնս իմ գանգատելու ատենս.

Թշնամիին վախէն իմ կեանքս պահպանէ։

 Ծածկէ զիս չարերուն ժողովէն,

Անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն,

 Որոնք իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն,

Որոնք նետերու պէս լեղի խօսքեր կը գործածեն,

 Գաղտուկ տեղէն անմեղին նետելու համար.

Յանկարծակի անոր կը նետեն ու չեն վախնար։

 Իրենց չար նպատակները ամուր կը պահեն։

Գաղտնի որոգայթներ դնելու մասին կը խօսին եւ

Կ’ըսեն. «Զանոնք ո՞վ պիտի տեսնէ»։

 Անօրէնութիւն կը փնտռեն,

Կ’ըսեն թէ «Կատարեցինք մեր ծրագրածը»։

Մարդուն միտքը եւ սիրտը խորունկ է,

 Բայց Աստուած զանոնք պիտի զարնէ նետով։

Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորուին։

 Իրենց լեզուներուն պատճառով պիտի աւերուին։

Բոլոր զանոնք տեսնողները գլուխ պիտի շարժեն։

 Բոլոր մարդիկ պիտի վախնան.

Աստուծոյ գործը պիտի պատմեն

Ու անոր ըրածին ուշադրութեամբ պիտի նային։

10 Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ

Եւ ամէն ուղիղ սրտով եղող անով պիտի պարծի։

ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսն ու երգը

65 1 Քեզի կը վայլէ օրհնութիւնը, ո՛վ Աստուած, Սիօնի մէջ։

Ու քեզի ըրած ուխտերը պիտի կատարենք։

 Ո՛վ աղօթքի լսող,

Քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։

 Անօրէնութիւնները իմ վրաս ճնշեցին։

Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես։

 Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես,

Որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ.

Պիտի լցուինք քու տանդ եւ

Քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ։

 Սքանչելի բաներով, արդարութիւնով պիտի պատասխանես մեզի,

Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը,

Որ երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն յոյսն ես,

 Որ քու զօրութիւնովդ լեռները հաստատեցիր,

Կարողութիւնով գօտեպնդուեցար,

 Որ կը ցածցնես ծովուն ձայնը,

Անոր ալիքներուն ձայնը

Ու ազգերուն խռովութիւնը։

 Երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ.

Առտուան ու իրիկուան ելքը դուն կ’ուրախացնես։

 Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես,

Շատ կը հարստացնես զանիկա.

Աստուծոյ գետը ջրով լեցուն է։

Անոնց ցորեն կը պատրաստես,

Վասն զի այսպէս պատրաստեցիր զանիկա։

10 Անոր ակօսները կը խմցնես

Ու անոր փոսերը կը շտկես,

Անձրեւներով կը կակուղցնես զանիկա։

Կ’օրհնես անոր բոյսը։

11 Կը պսակես տարին քու բարութիւնովդ

Ու քու շաւիղներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն,

12 Անապատի արօտներուն վրայ կը կաթեցնեն

Ու բլուրները ուրախութիւնով պատած են։

13 Արօտները հօտերով ծածկուած են

Ու հովիտները՝ ցորենով։

Անոնք ցնծութեամբ կ’աղաղակեն ու կ’երգեն։

ԵՐԳ ՄԸ ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Գլխաւոր երաժշտին Սաղմոսն ու երգը

66 1 Ո՛վ բոլոր երկիր, ցնծութիւնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։

 Սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը,

Անոր օրհնութիւնը փառաւորեցէ՛ք։

 Աստուծոյ ըսէք. «Որքա՜ն ահաւոր են քու գործերդ.

Քու մեծ զօրութեանդ համար

Թշնամիներդ քեզի խոնարհութիւն պիտի ընեն։

 Ամէն երկիր երկրպագութիւն պիտի ընէ քեզի։

Սաղմոս պիտի երգեն քեզի,

Սաղմոս պիտի երգեն քու անուանդ։ (Սէլա։)

 Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Աստուծոյ ըրածները.

Անիկա իր գործովը մարդոց որդիներուն վրայ ահաւոր է։

 Ծովը ցամաքի դարձուց,

Գետէն ոտքով անցան։

Այն տեղը իրմով ուրախացանք։

 Իր ուժովը յաւիտեան կը տիրէ.

Անոր աչքերը ազգերը կը դիտեն.

Ապստամբները իրենց անձերը թող չբարձրացնեն։ (Սէլա։)

 Ո՛վ ժողովուրդներ, օրհնեցէ՛ք մեր Աստուածը

Ու անոր գովութեան ձայնը թող լսուի։

 Անիկա մեր հոգին կենդանի կը պահէ

Ու ոտքերնուս սասանիլ չի տար։

10 Վասն զի դո՛ւն քննեցիր մեզ, ո՛վ Աստուած.

Փորձեցիր մեզ, ինչպէս արծաթը կը փորձուի։

11 Մեզ որոգայթի մէջ մտցուցիր,

Ծանր բեռ դրիր մեր կռնակին վրայ։

12 Մեր գլուխներուն վրայ մարդիկ հեծցուցիր.

Կրակը ու ջուրը մտանք,

Սակայն մեզ առատութեան տեղը հանեցիր։

13 Ողջակէզներով պիտի մտնեմ քու տունդ,

Պիտի կատարեմ իմ ուխտերս,

14 Որոնք շրթունքներս խոստացան

Ու նեղութեանս մէջ բերանս խօսեցաւ։

15 Պարարտ խոյեր իբր ողջակէզ պիտի մատուցանեմ խունկով.

Զուարակներ պիտի զոհեմ նոխազներու հետ։ (Սէլա։)

16 Եկէ՛ք, լսեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ Աստուծմէ կը վախնաք

Ու պատմեմ ինչ որ ըրաւ իմ անձիս։

17 Բերանովս անոր աղաղակեցի

Ու լեզուովս զանիկա բարձրացուցի։

18 Եթէ սրտիս մէջ անօրէնութիւն տեսնէի,

Տէրը պիտի չլսէր։

19 Սակայն Աստուած լսեց,

Իմ աղօթքիս ձայնին մտիկ ըրաւ։

20 Օրհնեալ ըլլայ Աստուած, որ իմ աղօթքս չմերժեց

Ու իր ողորմութիւնը ինձմէ ետ չդարձուց։

ԵՐԳ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Գլխաւոր երաժշտին Սաղմոսն ու երգը

67 1 Աստուած թող ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ,

Երեսը թող փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա,)

 Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի

Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։

 Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած,

Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։

 Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան,

Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես

Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։)

 Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած,

Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։

 Երկիր իր պտուղը պիտի տայ.

Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։

 Աստուած մեզ պիտի օրհնէ

Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։

ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳ ՄԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսն ու երգը

68 1 Թող ելլէ՛ Աստուած եւ անոր թշնամիները թող ցրուին

Ու զինք ատողները իր երեսէն թո՛ղ փախչին։

 Ցրուէ՛ զանոնք ինչպէս մուխը կը ցրուի,

Ինչպէս մոմը կրակին առջեւ կը հալի,

Այնպէ՛ս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ երեսէն։

 Բայց արդարները թո՛ղ ուրախանան,

Աստուծոյ առջեւ թո՛ղ ցնծան

Եւ ուրախութիւնով թո՛ղ զուարճանան։

 Երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը.

Ճամբայ պատրաստեցէ՛ք ամպերու վրայ հեծնողին.

Որուն անունը Եահ է

Ու ցնծացէք անոր առջեւ։

 Որբերուն հայրը ու որբեւայրիներուն դատաւորը

Աստուած է՝ իր սուրբ բնակարանին մէջ։

 Աստուած լքեալները տան մէջ կը բնակեցնէ,

Կապուածները յաջողութեան կ’առաջնորդէ,

Բայց ապստամբները չոր տեղ պիտի բնակին։

 Ո՛վ Աստուած, քու ժողովուրդիդ առջեւէն գացած ատենդ,

Անապատէն անցած ատենդ, (Սէլա,)

 Երկիրը շարժեցաւ, երկինքն ալ շաղ կաթեցուց Աստուծոյ երեսէն։

Սինան ալ շարժեցաւ Աստուծոյ, Իսրայէլին Աստուծոյն երեսէն։

 Ո՛վ Աստուած, թէեւ քու ժառանգութիւնդ չորցած էր,

Դուն առատ անձրեւով ոռոգեցիր զանիկա։

10 Քու ժողովուրդդ անոր մէջ բնակեցաւ.

Քու բարութիւնովդ աղքատին համար պատրաստեցիր, ո՛վ Աստուած։

11 Տէրը պատգամ տուաւ.

Աւետիս տուողները մեծ բազմութիւն են.

12 «Զօրքերուն թագաւորները կը փախչին, կը փախչին»։

Տան մէջ բնակող կիները աւարը կը բաժնեն,

13 Թէեւ գոմերուն մէջտեղը պառկած ըլլան,

Աղաւնիի թեւերուն պէս արծաթով պատուած

Ու անոր փետուրները դեղին ոսկիով։

14 Ամենակարողին՝ այն երկրին վրայ թագաւորներ ցրուած ատենը,

Երկիրը Սելմօնին մէջի ձիւնին պէս ճերմկցաւ։

15 Աստուծոյ լեռը Բասան լեռն է,

Բազմագագաթ լեռը Բասան լեռն է,

16 Ո՛վ բազմագագաթ լեռներ, ինչո՞ւ նախանձով կը նայիք.

Ասիկա այն լեռն է՝ որուն մէջ Աստուած հաճեցաւ բնակիլ։

Յիրաւի Տէրը հոն պիտի բնակի յաւիտեան։

17 Աստուծոյ կառքերը երկու անգամ տասը հազար են, հազարաւոր անգամ հազար.

Տէրը անոնց մէջ է, իր սուրբ տեղն է իբրեւ Սինայի մէջ։

18 Բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր,

Պարգեւներ առիր մարդոց համար

Ու ապստամբներուն համար ալ,

Որպէս զի Տէր Աստուած անոնց մէջ բնակի։

19 Տէրը օրհնեալ ըլլայ օրէ օր.

Եթէ բեռ ալ դնէ մեր վրայ,

Աստուած է մեր փրկիչը (Սէլա։)

20 Աստուած մեզի փրկութեան Աստուած է,

Մեզ մահուանէն ազատողը Տէր Եհովան է։

21 Աստուած պիտի փշրէ իր թշնամիներուն գլուխը,

Նաեւ իր անօրէնութիւններուն մէջ պտըտողին մազոտ գանկը։

22 Տէրը ըսաւ. «Զանոնք Բասանէն ետ դարձնեմ.

Ծովուն անդունդներէն ետ դարձնեմ.

23 Այնպէս որ ոտքդ արեան մէջ թաթխուի,

Շուներուդ լեզուն թշնամիներէն իր բաժինը առնէ»։

24 Քու քալուածքներդ տեսան, ո՛վ Աստուած.

Իմ Աստուծոյս, իմ թագաւորիս, քալուածքները սուրբ տեղին մէջ։

25 Առջեւէն երգողները գացին,

Ետեւէն նուագածուները՝

Թմբուկ զարնող կոյսերուն մէջտեղը։

26 «Ժողովուրդներուն մէջ Աստուած օրհնեցէ՛ք,

Տէրը՝ դո՛ւք որ Իսրայէլի աղբիւրէն էք»։

27 Այն տեղ են փոքր Բենիամինը, անոնց տիրապետողը,

Յուդայի իշխանները իրենց բազմութիւնովը,

Զաբուղոնի իշխանները ու Նեփթաղիմի իշխանները։

28 Քու Աստուածդ քու զօրութիւնդ հաստատեց։

Զօրացո՛ւր, ո՛վ Աստուած, այն բանը որ մեզի համար ըրիր։

29 Երուսաղէմ եղող տաճարիդ համար՝

Թագաւորները քեզի ընծաներ պիտի բերեն։

30 Եղէգներու մէջ բնակող գազանները ու ցուլերուն ժողովը

Ժողովուրդներուն զուարակներուն հետ սաստէ՛,

Որպէս զի խոնարհին՝ անոնք որ արծաթի կը ցանկան,

Պատերազմ սիրող ժողովուրդները ցրուէ՛։

31 Եգիպտոսէն ազնուականներ պիտի գան.

Եթովպիա իր ձեռքերը շուտով Աստուծոյ պիտի երկնցնէ։

32 Ո՛վ երկրի թագաւորութիւններ, երգեցէ՛ք Աստուծոյ,

Սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը, (Սէլա,)

33 Անոր՝ որ յաւիտեանս յաւիտենից երկինքներուն վրայ կը նստի

Ահա անիկա ձայն կու տայ իր զօրաւոր ձայնովը,

34 Փառք տուէ՛ք Աստուծոյ.

Անոր մեծավայելչութիւնը Իսրայէլի վրայ է

Ու անոր զօրութիւնը ամպերուն մէջ է։

35 Ահաւոր ես, ո՛վ Աստուած, քու սուրբ տեղերուդ մէջ։

Իսրայէլի Աստուածը՝

Ինք կու տայ իր ժողովուրդին ոյժ ու կարողութիւն։

Աստուած օրհնեալ ըլլայ։

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԵՐՍ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

69 1 Ապրեցո՛ւր զիս, ո՛վ Աստուած

Վասն զի ջուրերը իմ անձիս հասան։

 Խորունկ ցեխի մէջ կ’ընկղմիմ,

Ուր կայնելու տեղ չկայ։

Ջուրերուն խորունկ տեղերը մտայ

Ու յորձանքները զիս ընկղմեցին։

 Յոգնեցայ ես կանչելէն, կոկորդս ցամքեցաւ,

Աչքերս նուաղեցան իմ Աստուծոյս սպասելէն։

 Առանց պատճառի զիս ատողները գլխուս մազերէն շատ են.

Զիս փուճ տեղ կորսնցնող թշնամիներս զօրացան։

Այն բանը որ չէի յափշտակած, ստիպեցին որ վճարեմ։

 Ո՛վ Աստուած, իմ յիմարութիւնս դո՛ւն գիտես

Ու յանցանքներս քեզմէ ծածկուած չեն։

 Քեզի համբերողները իմ պատճառովս թող ամչնան,

Ո՛վ Տէր, զօրաց Տէր,

Քեզ փնտռողները իմ պատճառովս թող ամօթով չըլլան,

Ո՛վ Իսրայէլի Աստուածը։

 Վասն զի քեզի համար նախատինքի համբերեցի,

Ամօթը ծածկեց իմ երեսս։

 Եղբայրներուս՝ օտար

Ու մօրս որդիներուն անծանօթ եղայ։

 Վասն զի քու տանդ նախանձը զիս կերաւ

Ու քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան։

10 Իմ անձս խոնարհեցուցի ծոմ պահելով,

Ասիկա ինծի նախատինք սեպուեցաւ։

11 Իբր հանդերձ քուրձ հագայ

Ու անոնց ծաղրանքի առարկայ եղայ։

12 Դուռը նստողները իմ վրայովս կը խօսին

Ու արբեցողները երգեր շինեցին իմ վրաս։

13 Բայց ես իմ աղօթքս կ’ընեմ քեզի,

Ո՛վ Տէր, ընդունելի ժամանակին։

Ո՛վ Աստուած, քու մեծ ողորմութիւնովդ,

Քու փրկութեանդ ճշմարտութիւնովը ինծի պատասխան տուր։

14 Հանէ՛ զիս ցեխէն, որ չընկղմիմ

Եւ զիս ատողներէն ու խորունկ ջուրերէն ազատուիմ։

15 Ջուրերուն յորձանքը թող զիս չընկղմէ

Ու անդունդը թող զիս չկլլէ

Ու ջրհորը իր բերանը վրաս թող չգոցէ։

16 Պատասխա՛ն տուր ինծի, ո՛վ Տէր,

Վասն զի քու ողորմութիւնդ քաղցր է։

Քու առատ գթութեանդ համեմատ նայէ՛ ինծի

17 Ու երեսդ մի՛ ծածկեր քու ծառայէդ,

Վասն զի ես նեղութեան մէջ եմ։

Շուտով պատասխա՛ն տուր ինծի։

18 Իմ անձիս մօտեցի՛ր ու զանիկա փրկէ՛

Իմ թշնամիներէս զիս ազատէ։

19 Դուն գիտես իմ նախատինքս

Եւ իմ ամօթս ու իմ խայտառակութիւնս։

Քու առջեւդ են բոլոր զիս նեղողները։

20 Նախատինքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդացայ.

Գթացող մը փնտռեցի, բայց չկար

Ու մխիթարութիւն տուողներ՝ բայց չգտայ։

21 Հապա կերակուրի տեղ թոյն տուին ինծի

Ու ծարաւցած ատենս՝ քացախ խմցուցին ինծի։

22 Անոնց սեղանը թող իրենց առջեւ՝ որոգայթ,

Անոնց խնճոյքները իրենց վարմ ըլլան։

23 Անոնց աչքերը թող մթննան, որպէս զի չտեսնեն

Ու անոնց մէջքերը դողացո՛ւր։

24 Քու սրտմտութիւնդ անոնց վրայ թափէ՛

Ու սաստիկ բարկութիւնդ անոնց վրայ թող հասնի։

25 Անոնց բնակարանը աւերակ ըլլայ

Ու անոնց վրաններուն մէջ բնակող չգտնուի։

26 Վասն զի զայն որ դուն զարկիր, անոնք կը հալածեն

Եւ քու վիրաւորածիդ ցաւին վրայով կը խօսին։

27 Անոնց անօրէնութեան վրայ անօրէնութիւն դիր,

Որպէս զի արդարութեանդ չհասնին։

28 Կենաց գրքէն թո՛ղ ջնջուին

Ու արդարներուն հետ թող չգրուին։

29 Բայց ես աղքատ ու վշտացած եմ.

Ո՛վ Աստուած, քու փրկութիւնդ թո՛ղ զիս պաշտպանէ։

30 Աստուծոյ անունը պիտի գովեմ երգով

Ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով։

31 Ասիկա եղջերաւոր ու կճղակաւոր եզէն ու զուարակէն

Աւելի՛ ընդունելի պիտի ըլլայ Տէրոջը։

32 Հեզերը պիտի տեսնեն եւ ուրախանան.

Ո՛վ Աստուած փնտռողներ, ձեր սիրտն ալ պիտի ապրի,

33 Վասն զի Տէրը տնանկներուն կը լսէ

Ու իր կապուածները չ’անարգեր

34 Թող գովեն զանիկա երկինք ու երկիր,

Ծովն ու բոլոր անոր մէջ շարժողները։

35 Վասն զի Աստուած Սիօնը պիտի փրկէ

Ու Յուդայի քաղաքները պիտի շինէ

Եւ հոն պիտի բնակին ու ժառանգեն զանիկա։

36 Իր ծառաներուն սերունդը պիտի ժառանգէ զանիկա

Ու իր անունը սիրողները անոր մէջ պիտի բնակին։

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը յիշատակի համար

70 1 Ո՛վ Աստուած, զիս փրկելու կամք ըրէ.

Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։

 Թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան

Իմ անձս փնտռողները։

Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան

Ինծի չարիք ուզողները։

 Թող ամչնալով ետ դառնան

Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։

 Ամէն քեզ փնտռող

Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ

Եւ քու փրկութիւնդ սիրողները

Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Աստուած թո՛ղ մեծնայ»։

 Բայց ես աղքատ ու տնանկ եմ,

Ո՛վ Աստուած, շուտով հասի՛ր ինծի։

Իմ օգնականս ու փրկիչս դուն ես,

Ո՛վ Տէր, մի՛ ուշանար։

ԾԵՐՈՒՆԻԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

71 1 Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի.

Թող չամչնամ յաւիտեան։

 Քու արդարութիւնովդ զիս ապրեցո՛ւր ու ազատէ՛ զիս։

Ականջդ ծռէ՛ ինծի ու փրկէ՛ զիս։

 Ինծի ապաւինութեան վէ՛մ եղիր

Եւ ամուր բերդ մը՝ զիս փրկելու,

Քանզի դուն ես իմ վէմս ու ամրոցս։

 Ո՛վ իմ Աստուածս, ամբարշտին ձեռքէն,

Անօրէնին ու բռնաւորին ձեռքէն զիս փրկէ՛։

 Վասն զի իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա.

Մանկութենէս ի վեր դուն ես իմ յոյսս,

 Ես քու վրադ հաստատուեցայ արգանդէն,

Մօրս որովայնէն իմ պաշտպանս դուն ես.

Իմ գովութեանս առարկան դո՛ւն ես։

 Զարմանալի բանի մը պէս եղայ շատերուն,

Բայց իմ զօրաւոր ապաւէնս դուն ես։

 Բերանս քու գովաբանութիւնովդ լեցուն է.

Ամէն օր՝ քու փառաբանութիւնովդ։

 Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր.

Ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր։

10 Վասն զի թշնամիներս ինծի համար կը խօսին

Ու իմ անձս պաշարողները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն,

11 Ըսելով. «Աստուած թողուց զանիկա.

Հալածեցէ՛ք ու բռնեցէ՛ք զանիկա,

Վասն զի ալ ազատող չկայ»։

12 Ո՛վ Աստուած, ինձմէ մի՛ հեռանար։

Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծի օգնելու արտորացի՛ր։

13 Թող ամչնան ու կորսուին իմ անձիս հակառակորդները,

Նախատինքով ու ամօթով թող ծածկուին ինծի չարութիւն ուզողները։

14 Բայց ես ամէն ատեն պիտի յուսամ

Եւ քու գովաբանութիւններդ պիտի աւելցնեմ։

15 Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ,

Ամէն օր՝ քու փրկութիւնդ,

Վասն զի ես անոնց համրանքը չեմ գիտեր։

16 Պիտի քալեմ Տէր Եհովային զօրութիւնովը։

Քու արդարութիւնդ, միայն քուկդ պիտի յիշեմ։

17 Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի.

Մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի։

18 Ու հիմա մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս

Զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած.

Որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին

Եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան։

19 Քու արդարութիւնդ ալ շատ բարձր է, ո՛վ Աստուած,

Որ մեծամեծ բաներ ըրիր.

Քեզի պէս ո՞վ կայ, ո՛վ Աստուած։

20 Դուն որ շատ ու ծանր նեղութիւններ ցուցուցիր ինծի,

Նորէն զիս պիտի կենդանացնես

Ու երկրին անդունդներէն նորէն զիս պիտի հանես։

21 Իմ պատիւս պիտի շատցնես

Ու զիս պիտի մխիթարես։

22 Ուստի ես ալ պիտի գովեմ քեզ տաւիղով

Քու ճշմարտութեանդ համար, ո՛վ իմ Աստուածս։

Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի քնարով,

Ո՛վ Իսրայէլի Սուրբը։

23 Քեզի սաղմոս երգած ատենս իմ շրթունքներս պիտի ցնծան

Ու իմ հոգիս՝ որ դուն փրկեցիր։

24 Իմ լեզուս ամէն օր քու արդարութեանդ մասին պիտի խօսի,

Վասն զի ինծի չարիք ուզողները ամչցան ու խայտառակ եղան։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս

72 1 Ո՛վ Աստուած, քու իրաւունքներդ թագաւորին տուր

Ու արդարութիւնդ՝ թագաւորին որդիին։

 Անիկա արդարութիւնով պիտի դատէ քու ժողովուրդդ

Ու աղքատներդ՝ իրաւունքով։

 Լեռները խաղաղութիւն պիտի բերեն ժողովուրդին

Ու բլուրներն ալ՝ արդարութիւն։

 Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ,

Տնանկին զաւակները պիտի ազատէ

Ու բռնաւորը պիտի ջարդէ։

 Քեզմէ պիտի վախնան որչափ ատեն որ արեգակը ու լուսինը կը մնան,

Ազգէ մինչեւ ազգ։

 Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ,

Տեղատարափներու պէս՝ որոնք երկիրը կը թրջեն։

 Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի

Ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ,

Մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։

 Ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ անիկա

Ու գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։

 Անոր առջեւ անապատին բնակիչները ծունկ պիտի ծռեն

Ու անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն։

10 Թարսիսի ու կղզիներուն թագաւորները ընծայ պիտի մատուցանեն,

Շաբայի ու Սաբայի թագաւորները պարգեւ պիտի բերեն։

11 Բոլոր թագաւորները անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն,

Բոլոր ազգերը անոր պիտի ծառայեն։

12 Վասն զի աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը,

Խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։

13 Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին

Եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։

14 Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը

Եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ։

15 Պիտի ապրի եւ Շաբայի ոսկիէն անոր պիտի տրուի

Ու ամէն ատեն աղօթք պիտի մատուցանուի անոր։

Ամէն օր պիտի օրհնեն զանիկա։

16 Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ՝

Լեռներուն գլուխը.

Անոր պտուղը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։

Գետնի խոտին պէս պիտի ծաղկին քաղաքացիները։

17 Անոր անունը յաւիտեան պիտի մնայ։

Որչափ ատեն որ արեգակը կը մնայ, անոր անունն ալ պիտի մնայ

Ու մարդիկ անով պիտի օրհնուին։

Բոլոր ազգերը երանութիւն պիտի տան անոր։

18 Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը։

Միայն ինքն է հրաշքներ ընողը։

19 Անոր փառաւոր անունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ։

Ու բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը։ Ամէն ու ամէն։

20 Յեսսէի որդիին՝ Դաւիթին՝ աղօթքները լմնցան։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սաղմոս Ասափի

73 1 Յիրաւի Աստուած բարի է Իսրայէլի,

Այսինքն սրտով մաքուր եղողներուն։

 Բայց քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին

Ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին։

 Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն,

Երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ։

 Քանզի իրենց մահուան ժամանակն ալ ցաւ չունին,

Մարմիննին ալ պարարտ է։

 Անոնք ուրիշ մարդոց նման նեղութեան մէջ չեն

Եւ ուրիշ մարդոց պէս չեն տանջուիր։

 Անոր համար վզնոցի պէս ամբարտաւանութիւնը զանոնք կը շրջապատէ.

Բռնութիւնը հանդերձի պէս զանոնք կը ծածկէ։

 Անոնց աչքերը պարարտութենէն դուրս կ’ելլեն եւ

Սրտի խորհուրդներէն անդին կ’անցնին։

 Ծաղր կ’ընեն ու չարութիւնով կը խօսին բռնութեան համար,

Հպարտութիւնով կը խօսին։

 Բերաննին երկնքի դէմ կը դնեն

Ու իրենց լեզուն երկրի մէջ կը պտըտի։

10 (Անոր համար իր ժողովուրդը հոս պիտի դառնայ

Ու առատութիւնով ջուր պիտի քամուի անոնց։)

11 Ու կ’ըսեն. «Աստուած ի՞նչպէս կրնայ գիտնալ,

Բարձրեալին քով գիտութիւն կա՞յ»։

12 Ահա ասոնք են ամբարիշտները,

Միշտ յաջողութիւն ունին ու հարստութիւն կ’աւելցնեն։

13 Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի

Ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի,

14 Որովհետեւ ամէն օր կը տանջուիմ

Ու ամէն առտու կը խրատուիմ։

15 Եթէ ըսէի. «Ես այսպէս պիտի խօսիմ»,

Քու որդիներուդ նենգութիւն ըրած պիտի ըլլայի։

16 Երբ խորհեցայ ասիկա իմանալու մասին,

Դժուար թուեցաւ իմ աչքերուս,

17 Մինչեւ որ Աստուծոյ սրբարանը մտայ,

Անոնց վախճանը իմացայ։

18 Իրաւամբ դուն զանոնք սահուն տեղեր դրեր ես.

Կործանման մէջ իջեցուցիր զանոնք։

19 Ի՜նչպէս յանկարծակի աւերմունքի մէջ ինկան.

Հատան ու վախերով կորսուեցան։

20 Ինչպէս երազ մը՝ մարդուն արթննալէն յետոյ,

Այնպէս, ո՛վ Տէր, քաղաքին մէջ անոնց պատկերը պիտի անարգես։

21 Երբ իմ սիրտս ցաւեցաւ

Ու իմ երիկամունքներէս խոցուեցայ,

22 Ես յիմար էի ու չէի իմանար,

Քու առջեւդ անասուններու պէս էի։

23 Սակայն ես միշտ քեզի հետ եմ,

Դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։

24 Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ

Ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս։

25 Ո՞վ ունիմ ես երկնքի մէջ.

Երկրի վրայ ալ քեզմէ զատ մէկը չեմ ուզեր։

26 Իմ մարմինս ու սիրտս կը մաշին,

Բայց Աստուած իմ սրտիս զօրութիւնը ու իմ բաժինս է յաւիտեան։

27 Վասն զի ահա անոնք որ քեզմէ կը հեռանան, կը կորսուին.

Դուն կը սատկեցնես ամէնքը որ շնութիւն կ’ընեն՝ քեզմէ մոլորելով։

28 Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։

Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ,

Որպէս զի քու բոլոր գործերդ պատմեմ։

ԱԶԳԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

Երգ Ասափի

74 1 Ո՛վ Աստուած, ինչո՞ւ մեզ բոլորովին մերժեցիր

Ու բարկութիւնդ կը մխայ քու արօտիդ ոչխարներուն վրայ։

 Յիշէ՛ քու ժողովուրդդ որ սկիզբէն ստացար,

Քու ժառանգութեանդ վիճակը որ փրկեցիր

Ու Սիօն լեռը, ուր բնակեցար։

 Բարձրացուր քու քայլերդ դէպի բոլորովին աւերուածները,

Դէպի սուրբ տեղը թշնամիին ըրած բոլոր գէշ գործերը։

 Քու թշնամիներդ կը պոռան քու տաճարիդ մէջ։

Իրենց նշանները նշանի տեղ կը դնեն։

 Անիկա անտառի ծառերուն վրայ

Կացիններ վերցնողի մը պէս ճանչցուեցաւ

 Ու հիմա անոր քանդակած զարդերը,

Ամէնքը մէկէն, կացիններով ու մուրճերով կը կոտրտեն։

 Կրակով այրեցին քու սրբարանդ։

Մինչեւ գետինը կործանեցին քու անուանդ բնակարանը։

 Իրենց սրտերուն մէջ ըսին. «Կորսնցնենք ասոնք ամէնքը»։

Երկրին մէջ Աստուծոյ բոլոր ժողովարանները այրեցին։

 Մեր նշանները չենք տեսներ։

Ալ մարգարէ չկայ։

Մեր քով մէկը չկայ,

Որ գիտնայ թէ ասիկա մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ։

10 Ո՛վ Աստուած, մինչեւ ե՞րբ նեղիչը պիտի նախատէ։

Թշնամին մինչեւ յաւիտեան քու անունդ պիտի անարգէ՞։

11 Ինչո՞ւ ետ կը քաշես քու ձեռքդ ու քու աջ ձեռքդ։

Զանիկա ծոցէդ հանէ ու կորսնցուր զանոնք։

12 Բայց սկիզբէն իմ թագաւորս Աստուած է,

Որ փրկութիւն կ’ընէ երկրի մէջ։

13 Դուն քու զօրութիւնովդ ծովը պատռեցիր,

Վիշապներուն գլուխները ջուրերուն մէջ փշրեցիր։

14 Դուն ջարդեցիր Լեւիաթանին գլուխները.

Զանիկա կերակուր ըլլալու տուիր անապատին մէջի ժողովուրդին։

15 Դուն ճեղքեցիր աղբիւրը ու վտակը,

Դուն չորցուցիր մշտնջենաւոր գետերը։

16 Քուկդ է ցորեկը եւ քուկդ է գիշերը։

Լոյսը ու արեւը դուն պատրաստեցիր։

17 Դուն հաստատեցիր երկրին սահմանները։

Ամառը ու ձմեռը դուն ստեղծեցիր։

18 Յիշէ թէ թշնամին նախատեց Տէրը

Ու յիմար ժողովուրդը քու անունդ անարգեց։

19 Գազանին մի՛ մատներ քու տատրակիդ անձը.

Մի՛ մոռնար յաւիտեան քու աղքատներուդ կեանքը։

20 Նայէ՛ քու ուխտիդ, վասն զի երկրին խաւար տեղերը

Բռնութեան բնակարաններով լեցուած են։

21 Թո՛ղ խեղճը ետ չդառնայ ամօթով.

Թո՛ղ աղքատը ու տնանկը օրհնե՛ն քու անունդ։

22 Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, քու դատդ պաշտպանէ.

Յիշէ՛ այն նախատինքը՝ որ անզգամը ամէն օր քեզի կ’ընէ։

23 Մի՛ մոռնար քու թշնամիներուդ ձայնը.

Քեզի դէմ ոտքի ելլողներուն խռովութիւնը ամէն ժամանակ կը բարձրանայ։

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԴԱՏԱՒՈՐԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսն ու երգը

75 1 Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած,

Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք,

Քու հրաշքներդ կը պատմենք։

 Երբ որոշուած ժամանակը գայ,

Ուղիղ դատաստան պիտի տեսնեմ։

 Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան.

Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։)

 Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարտանաք»

Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։

 Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։

Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։

 Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է

Եւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն,

 Հապա դատաւորը Աստուած է։

Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։

 Վասն զի Տէրոջը ձեռքը բաժակ կայ ու գինին կարմիր է։

Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէ

Եւ երկրին բոլոր ամբարիշտները

Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։

 Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ,

Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։

10 Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին,

Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՅԱՂԹԱԿԱՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսն ու երգը

76 1 Աստուած Յուդայի մէջ ճանչցուած է.

Անոր անունը Իսրայէլի մէջ մեծ է։

 Անոր խորանը Սաղէմի մէջ է

Եւ անոր բնակարանը՝ Սիօնի մէջ։

 Տէրը հոն ջարդեց աղեղին նետերը,

Վահանը, սուրը եւ պատերազմի զէնքերը։ (Սէլա։)

 Դուն փառաւոր ես,

Յաւիտենական լեռներէն աւելի գերազանց ես։

 Սրտով զօրաւորները յափշտակուեցան,

Քունի մէջ թաղուեցան,

Բոլոր զօրեղ մարդիկը ձեռքերնին չկրցան գործածել։

 Ո՛վ Յակոբին Աստուածը, քու յանդիմանութեանդ պատճառով

Կառքն ու ձին անզգայ պառկեցան։

 Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, դուն ահաւոր ես

Եւ ո՞վ կրնայ կայնիլ քու առջեւդ քու բարկութեանդ ատենը։

 Դուն երկնքէն կատարեցիր դատաստանը։

Երկիրը վախցաւ ու լռեց,

 Աստուած դատաստան ընելու ելաւ,

Որպէս զի երկրին բոլոր հեզերը փրկէ։ (Սէլա։)

10 Իրաւցնէ մարդուն բարկութիւնը քեզ պիտի գովէ

Ու մնացած բարկութիւնը դուն պիտի զսպես։

11 Ուխտ ըրէք ձեր Տէր Աստուծոյն ու կատարեցէք.

Անոր բոլորտիքը եղողները

Թող ընծաներ բերեն Ահաւորին։

12 Ինք իշխաններուն հոգին պիտի կտրէ,

Ինք ահաւոր է երկրի թագաւորներուն։

ՏԱԳՆԱՊԻ ԺԱՄՈՒ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը

77 1 Աստուծոյ կ’աղաղակեմ.

Իմ ձայնս Աստուծոյ է ու ան ինծի պիտի լսէ։

 Իմ նեղութեանս օրը Տէրը փնտռեցի։

Գիշերը տարածուած էր իմ ձեռքս ու չէր թուլնար։

Իմ անձս մխիթարուիլ չէր ուզեր։

 Աստուած յիշեցի ու անհանգիստ եղայ։

Խորհեցայ ու իմ հոգիս նուաղեցաւ։ (Սէլա։)

 Իմ աչքերս արթուն պահեցիր,

Խռովեցայ ու չկրցայ խօսիլ։

 Միտքս բերի նախկին օրերը,

Հին ժամանակներուն տարիները։

 Գիշերուան մէջ կը յիշեմ իմ երգս,

Իմ սրտիս հետ կը խօսիմ

Ու իմ հոգիս ալ կը քննեմ։

 «Արդեօք Տէրը յաւիտեան պիտի մերժէ՞

Ու ալ բնաւ պիտի չհաճի՞։

 Միթէ անոր ողորմութիւնը բոլորովին պակսեցա՞ւ

Ու իր խոստումը վերջացա՞ւ ազգէ մինչեւ ազգ։

 Միթէ Աստուած գթութիւն ընելը մոռցա՞ւ,

Միթէ բարկութիւնով արգիլե՞ց իր ողորմութիւնը»։ (Սէլա։)

10 Ուստի ըսի. «Այս է իմ վիշտս, որ

Բարձրեալին աջ ձեռքը փոխուած է»։

11 Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ.

Յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։

12 Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ

Ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ։

13 Ո՛վ Աստուած, քու ճամբադ սրբութեան մէջ է։

Աստուծոյ պէս մեծ Աստուած ո՞վ կայ։

14 Հրաշքներ ընող Աստուածը դո՛ւն ես.

Քու զօրութիւնդ ժողովուրդներու մէջ ցուցուցիր։

15 Քու բազուկովդ փրկեցիր քու ժողովուրդդ՝

Յակոբին ու Յովսէփին որդիները։ (Սէլա։)

16 Երբ ջուրերը քեզ տեսան, ո՛վ Աստուած,

Երբ ջուրերը քեզ տեսան՝ դողացին,

Անդունդներն ալ սարսափեցան։

17 Ամպերը ջուր թափեցին.

Երկինքները ձայն հանեցին.

Նետերդ ալ գացին։

18 Քու որոտումիդ ձայնը երկինքն էր։

Փայլակները լոյս տուին աշխարհի։

Երկիր սասանեցաւ ու դողաց։

19 Քու ճանապարհդ ծովուն մէջ է

Եւ քու ճամբադ մեծ ջուրերուն մէջ է

Ու քու շաւիղներդ չեն երեւիր։

20 Հօտի պէս քու ժողովուրդիդ առաջնորդեցիր

Մովսէսին ու Ահարոնին ձեռքովը։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Երգ Ասափի

78 1 Ո՛վ իմ ժողովուրդս, մտիկ ըրէք իմ օրէնքիս։

Խոնարհեցուցէք ձեր ականջը իմ բերնիս խօսքերուն։

 Առակով պիտի բանամ իմ բերանս

Ու հին ժամանակի խրթնաբանութիւնները պիտի յայտնեմ,

 Որոնք լսեցինք ու գիտցանք

Եւ մեր հայրերը մեզի պատմեցին։

 Մենք պիտի չպահենք անոնց որդիներէն եւ

Յաջորդ սերունդին պիտի պատմենք

Տէրոջը փառաւոր գործերն ու անոր զօրութիւնը

Եւ անոր ըրած հրաշքները։

 Վասն զի վկայութիւն հաստատեց Յակոբի մէջ

Ու օրէնք դրաւ Իսրայէլի մէջ,

Որոնք պատուիրեց մեր հայրերուն,

Որպէս զի սորվեցնեն իրենց որդիներուն.

 Որպէս զի յաջորդ սերունդը եւ ծնանելու տղաքը, ասոնք իմանան

Ու իրենց որդիներուն պատմեն։

 Անոնք ալ իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելով՝

Չմոռնան Աստուծոյ գործերը,

Հապա անոր պատուիրանքները պահեն

 Ու իրենց հայրերուն պէս

Կամակոր ու ապստամբ ազգ մը չըլլան.

Այնպիսի ազգ մը, որոնց սիրտը չէ հաստատուած

Ու իրենց հոգին հաւատարիմ չէ Աստուծոյ։

 Եփրեմի որդիները՝ որոնք սպառազինեալ աղեղնաւորներ էին,

Պատերազմին օրը ետ դարձան,

10 Աստուծոյ ուխտը չպահեցին

Ու անոր օրէնքին համեմատ քալել չուզեցին

11 Ու մոռցան անոր գործերը

Եւ անոր հրաշքները, որոնք իրենց ցուցուցեր էր։

12 Անոնց հայրերուն առջեւ հրաշքներ ըրաւ,

Եգիպտոսի երկրին՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։

13 Ծովը պատռեց ու զանոնք անցուց

Եւ ջուրերն ալ դէզի պէս կանգնեցուց։

14 Ցորեկը ամպով առաջնորդեց անոնց

Եւ բոլոր գիշերը կրակի լոյսով։

15 Վէմերը պատռեց անապատին մէջ

Ու խմցուց անոնց՝ իբր թէ մեծ անդունդէ մը։

16 Առուներ հանեց վէմէն

Ու ջուրերը գետերու պէս բղխեցուց։

17 Բայց անոնք նորէն մեղանչեցին անոր դէմ

Ու անապատին մէջ բարկացուցին Բարձրեալը

18 Եւ իրենց սրտերուն մէջ Աստուած փորձեցին՝

Կերակուր ուզելով իրենց անձերուն համար։

19 Աստուծոյ դէմ խօսեցան ու ըսին.

«Միթէ կարո՞ղ է Աստուած

Անապատին մէջ սեղան պատրաստել։

20 Ահա վէմին զարկաւ ու ջուրերը բղխեցան

Ու առուները վազեցին.

Արդեօք հաց ալ կրնա՞յ տալ,

Արդեօք միս կը պատրաստէ՞ իր ժողովուրդին համար»։

21 Ուստի՝ երբ Տէրը լսեց՝ բարկացաւ

Եւ կրակ մը բորբոքեցաւ Յակոբին դէմ,

Նաեւ բարկութիւն՝ Իսրայէլին վրայ.

22 Վասն զի Աստուծոյ չհաւատացին

Ու յոյսերնին անոր փրկութեանը վրայ չդրին.

23 Թէեւ ինք վերէն հրաման ըրեր էր ամպերուն

Ու երկնքի դռները բացեր էր

24 Եւ կերակուրի համար անոնց վրայ մանանայ տեղացուցեր էր

Ու երկնքի ցորենը տուեր էր անոնց։

25 Մարդիկ հրեշտակներուն հացը կերան,

Կշտանալու չափ պաշար ղրկեց անոնց։

26 Երկնքի մէջ արեւելեան հովը հանեց

Եւ իր զօրութիւնովը հարաւային հովը բերաւ.

27 Անոնց վրայ փոշիի պէս միս տեղացուց։

Ծովու աւազին չափ թեւաւոր թռչուններ

28 Անոնց բանակին մէջ եւ

Անոնց վրաններուն չորս կողմը իջեցուց։

29 Կերան եւ աղէկ կշտացան.

Վասն զի իրենց ցանկացածը իրենց տուաւ։

30 Իրենց ցանկացածներէն զուրկ չմնացին

Եւ քանի որ իրենց կերակուրը իրենց բերանն էր,

31 Աստուծոյ բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ

Ու սպաննեց անոնց զօրաւորները

Ու գետինը զարկաւ Իսրայէլի ընտիրները։

32 Հակառակ ասոր նորէն մեղանչեցին

Ու չհաւատացին անոր հրաշքներուն։

33 Ուստի ունայնութեան մէջ սպառեց անոնց օրերը

Եւ ահի մէջ՝ անոնց տարիները։

34 Երբ կը սպաննէր զանոնք, զինք կը փնտռէին

Ու ետ կը դառնային եւ առտու կանուխ ջերմեռանդութեամբ Աստուած կը փնտռէին։

35 Ու կը յիշէին թէ Աստուած իրենց Վէմն էր

Եւ Բարձրեալն Աստուած իրենց փրկիչն էր,

36 Սակայն իրենց բերնովը կը շողոքորթէին

Ու իրենց լեզուովը սուտ կը խօսէին անոր։

37 Իրենց սիրտը ուղիղ չէր անոր առջեւ

Ու հաւատարիմ չէին անոր ուխտին մէջ։

38 Բայց ան ողորմած ըլլալով՝ անոնց անօրէնութեան կը ներէր

Ու չէր կորսնցներ զանոնք։

Շատ անգամ կը զսպէր իր բարկութիւնը

Ու չէր բորբոքեցներ իր բոլոր սրտմտութիւնը,

39 Վասն զի կը յիշէր թէ անոնք մարմին են,

Հովի մը պէս, որ կ’երթայ ու ետ չի դառնար։

40 Քանի՜ անգամ զանիկա սրդողցուցին անապատին մէջ

Ու բարկացուցին զանիկա անջուր տեղին մէջ

41 Եւ կրկին ու կրկին Աստուած փորձեցին

Ու Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին։

42 Չյիշեցին անոր ձեռքը

Ու այն օրը երբ զիրենք թշնամիէն փրկեց

43 Եւ թէ ի՛նչպէս իր նշանները ըրաւ Եգիպտոսի մէջ

Ու իր հրաշքները Տայանիսի դաշտին մէջ։

44 Արիւնի դարձուց անոնց գետերը

Եւ անոնց առուները, որ չկրնան խմել։

45 Շանաճանճեր ղրկեց անոնց վրայ, որոնք կերան զանոնք։

Գորտեր՝ որոնք ապականեցին զանոնք։

46 Ու անոնց բերքը գրուիճին տուաւ

Եւ անոնց վաստակը՝ մարախին.

47 Անոնց որթատունկերը կարկուտով փճացուց

Ու անոնց ժանտաթզենիները՝ խոշոր կարկուտով

48 Եւ անոնց անասունները կարկուտին մատնեց

Ու անոնց հօտերը կայծակին։

49 Անոնց վրայ ղրկեց սաստիկ բարկութիւն,

Սրտմտութիւն ու բարկութիւն ու նեղութիւն։

Չար հրեշտակները ղրկելով

50 Իր բարկութեանը ճամբայ բացաւ։

Անոնց անձը մահուանէ չխնայեց,

Հապա անոնց կեանքը ժանտախտի մատնեց։

51 Ամէն անդրանիկ սպաննեց Եգիպտոսի մէջ

Եւ առջինեկները՝ Քամի վրաններուն մէջ։

52 Իր ժողովուրդը ոչխարներու պէս հանեց։

Զանոնք հօտի պէս վարեց անապատին մէջէն

53 Եւ ապահովութեամբ առաջնորդեց, այնպէս որ չվախցան,

Իսկ ծովը ծածկեց անոնց թշնամիները։

54 Ու զանոնք տարաւ իր սուրբ երկիրը՝

Այն լեռը՝ որ իր աջ ձեռքը ստացեր էր։

55 Անոնց առջեւէն ազգեր վռնտեց

Եւ ժառանգութիւն բաժնեց անոնց

Ու Իսրայէլի ցեղերը անոնց վրաններուն մէջ բնակեցուց։

56 Բայց անոնք փորձեցին ու սրդողցուցին Բարձրեալն Աստուածը

Ու նկատի չառին անոր վկայութիւնները։

57 Իրենց հայրերուն պէս ետ դարձան ու նենգութիւն ըրին.

Խաբեբայ աղեղի պէս խոտորեցան։

58 Վասն զի զանիկա սրդողցուցին իրենց բարձր տեղերովը

Ու անոր նախանձը շարժեցին իրենց կուռքերովը։

59 Երբ Աստուած լսեց՝ բարկացաւ

Եւ շատ անարգեց Իսրայէլը։

60 Սելովի խորանը մերժեց,

Այն վրանը՝ որ մարդոց մէջ կանգնեցուցած էր։

61 Իր զօրութիւնը գերութեան մատնեց,

Իր փառքը՝ թշնամիներուն ձեռքը։

62 Իր ժողովուրդը սուրի մատնեց

Ու իր ժառանգութեանը վրայ բարկացաւ։

63 Կրակը կերաւ անոր երիտասարդները

Ու անոր աղջիկները սուգ չըրին։

64 Անոր քահանաները սրով ինկան

Ու անոր որբեւայրիները չլացին։

65 Բայց Տէրը արթնցաւ որպէս թէ քունէ՝

Գինիէ սթափած զօրաւոր մարդու մը պէս

66 Ու իր թշնամիները ետեւնուն զարկաւ,

Յաւիտենական նախատինք տուաւ անոնց։

67 Յովսէփին վրանը մերժեց

Ու Եփրեմին ցեղը չընտրեց,

68 Հապա Յուդային ցեղը ընտրեց

Ու Սիօն լեռը՝ որ սիրեց։

69 Իր սրբարանը շինեց բարձր բլուրներու պէս,

Այն երկրին պէս որ յաւիտենապէս հաստատեց։

70 Իր Դաւիթ ծառան ընտրեց

Եւ զանիկա ոչխարի փարախներէն առաւ,

71 Ծիծ տուող ոչխարներուն ետեւէն բերաւ զանիկա,

Որպէս զի իր Յակոբ ժողովուրդը

Ու իր Իսրայէլ ժառանգութիւնը հովուէ։

72 Անիկա ալ հովուեց զանոնք իր սրտին անմեղութիւնովը

Ու իր ձեռքերուն ճարտարութեամբը առաջնորդեց անոնց։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԳԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Ասափի

79 1 Ո՛վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան,

Քու սուրբ տաճարդ պղծեցին,

Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին։

 Քու ծառաներուդ դիակները

Երկնքի թռչուններուն կերակուր տուին,

Քու սուրբերուդ մարմինը՝ երկրի գազաններուն։

 Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը

Ու մէկը չկար որ զանոնք թաղէր։

 Մեր դրացիներուն նախատինք եղանք,

Ծաղր ու ծանակ՝ մեր շուրջը եղողներուն։

 Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր, միշտ պիտի բարկանա՞ս.

Քու նախանձդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։

 Թափէ՛ քու բարկութիւնդ այն ազգերուն վրայ,

Որոնք քեզ չեն ճանչնար

Ու այն թագաւորութիւններուն վրայ,

Որոնք քու անունդ չեն կանչեր։

 Վասն զի Յակոբը կերան

Ու անոր բնակութիւնը աւերակ դարձուցին։

 Մի՛ յիշեր մեր առաջուան անօրէնութիւնները.

Թող շուտով հասնին մեզի քու ողորմութիւններդ,

Վասն զի խիստ թշուառացանք։

 Քու անուանդ փառքին համար

Օգնէ՛ մեզի, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը։

Քու անուանդ համար փրկէ՛ մեզ

Ու մեր մեղքերը քաւէ՛։

10 Ինչո՞ւ ըսեն հեթանոսները. «Ո՞ւր է անոնց Աստուածը»։

Թող քու ծառաներուդ թափուած արեան վրէժը

Մեր աչքերուն առջեւ յայտնուի հեթանոսներուն մէջ։

11 Կապուածին հառաչանքը քու առջեւդ թո՛ղ ելլէ։

Քու զօրութեանդ մեծութիւնովը,

Մահուան մատնուածները ապրեցո՛ւր

12 Ու եօթնապատիկ հատուցում ըրէ՛ մեր դրացիներուն իրենց ծոցին մէջ

Այն նախատինքին փոխարէն, որով քեզ անարգեցին, ո՛վ Տէր։

13 Բայց մենք քու ժողովուրդդ ու քու արօտիդ ոչխարները,

Յաւիտեան քեզ պիտի գովենք

Ու քու փառքդ պիտի պատմենք սերունդէ սերունդ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԳԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը

80 1 Ականջ դի՛ր, ո՛վ Իսրայէլին Հովիւը,

Որ Յովսէփին հօտի պէս կ’առաջնորդես։

Դո՛ւն, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, պայծառացի՛ր։

 Եփրեմին ու Բենիամինին եւ Մանասէին առջեւ

Արթնցո՛ւր քու զօրութիւնդ

Ու եկո՛ւր մեզ փրկէ։

 Ո՛վ Աստուած, մեզի՛ դարձիր

Եւ քու երեսդ փայլեցուր ու պիտի փրկուինք։

 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած,

Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարկանաս քու ժողովուրդիդ աղօթքին։

 Արտասուքի հաց կը կերցնես անոնց

Ու մեծ չափով արտասուք կը խմցնես անոնց։

 Մեզ նախատինքի առարկայ կ’ընես մեր դրացիներուն

Ու մեր թշնամիներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ։

 Ո՛վ զօրաց Աստուած, մեզի՛ դարձիր

Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։

 Եգիպտոսէն որթատունկ մը փոխադրեցիր,

Հեթանոսները վռնտեցիր ու զանիկա տնկեցիր։

 Անոր առջեւէն տե՛ղ պատրաստեցիր,

Անոր արմատները հաստատեցիր

Եւ անիկա երկիրը լեցուց։

10 Լեռները ծածկուեցան անոր հովանիովը

Ու անոր ճիւղերը Աստուծոյ եղեւիններուն պէս եղան։

11 Իր ճիւղերը երկնցուց մինչեւ ծովը

Ու իր բարունակները՝ մինչեւ Գետը։

12 Ինչո՞ւ փլցուցիր անոր ցանկերը,

Որ ճամբայէն բոլոր անցնողները անոր պտուղը քաղեն։

13 Անտառին խոզը ապականեց զանիկա

Ու դաշտի գազանները կերան զանիկա։

14 Ո՛վ զօրաց Աստուած, կ’աղաչե՛մ, դարձի՛ր.

Նայէ՛ երկնքէն ու տե՛ս

Ու այցելէ՛ այս որթատունկին,

15 Որ քու աջ ձեռքովդ տնկեցիր

Ու արմատը՝ որ քեզի համար զօրացուցիր։

16 Թող անոնք կրակով այրուին ու կտրուին,

Քու սաստէդ թող կորնչին։

17 Թող քու ձեռքդ մարդուն վրայ ըլլայ

Ու քու աջ ձեռքդ մարդու որդիին վրայ, որ քեզի համար զօրացուցիր։

18 Մենք այլեւս պիտի չդառնանք քեզմէ.

Կենդանացո՛ւր մեզ ու քու անունդ պիտի կանչենք։

19 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, մեզի՛ դարձիր

Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։

ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը

81 1 Ցնծացէ՛ք Աստուծոյ առջեւ, որ մեր զօրութիւնն է,

Ուրախութեա՛մբ աղաղակեցէք Յակոբին Աստուծոյն։

 Սաղմոս ըսէ՛ք ու թմբուկ զարկէ՛ք

Նաեւ անոյշ քնարը՝ տաւիղին հետ։

 Փո՛ղ հնչեցուցէք ամսագլխուն,

Նաեւ լուսնի լրման ատենը, մեր տօնին օրը։

 Վասն զի ասիկա Իսրայէլի կանոնն է,

Յակոբին Աստուծոյն հրամանն է։

 Ինք վկայութիւն դրաւ ասիկա Յովսէփին մէջ,

Եգիպտոսի երկրին վրայ յարձակած ատեն,

Ուր լեզու մը լսեց, որ չէր գիտեր.

 «Քու թիկունքդ հեռացուցի բեռէն.

Քու ձեռքերդ հանգչեցան կողովէն։

 Նեղութեան մէջ կանչեցիր ու քեզ փրկեցի։

Պատասխան տուի քեզի որոտման մէջ գաղտնի տեղերէս։

Փորձեցի քեզ Մերիպայի ջուրին քով։ (Սէլա։)

 Լսէ՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս ու վկայեմ քեզի.

Ո՛վ Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէ՛,

 Օտար Աստուած թող չըլլայ քու մէջդ

Ու օտար Աստուծոյ երկրպագութիւն մի՛ ըներ։

10 Ես եմ քու Տէր Աստուածդ,

Որ հանեցի քեզ Եգիպտոսի երկրէն։

Լայն բաց քու բերանդ

Ու զանիկա ես պիտի լեցնեմ։

11 Բայց իմ ժողովուրդս մտիկ չըրաւ իմ ձայնիս

Ու Իսրայէլ զիս չուզեց։

12 Ուստի զանոնք իրենց սրտին կամակորութեանը թողուցի,

Որպէս զի իրենց խորհուրդներուն համեմատ քալեն։

13 Երանի՜ թէ իմ ժողովուրդս ինծի մտիկ ընէր

Ու Իսրայէլ իմ ճամբաներուս մէջ քալէր։

14 Շուտով պիտի խոնարհեցնէի անոնց թշնամիները

Ու ձեռքս պիտի դարձնէի անոնց նեղիչներուն դէմ։

15 Տէրը ատողները խոնարհութիւն պիտի ընէին իրեն

Ու անոնց ժամանակը յաւիտեան պիտի ըլլար։

16 Ան պիտի կերակրէր ձեզ պարարտ ցորենով

Ու վէմէն վազած մեղրով ձեզ պիտի կշտացնէր»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ

Սաղմոս Ասափի

82 1 Աստուած կայնած է աստուածային ժողովին մէջ,

Աստուածներուն մէջ դատաստան կը տեսնէ։

 «Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք

Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սէլա։)

 Արդար դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին,

Խեղճին ու չքաւորին իրաւունքը պաշտպանեցէ՛ք։

 Փրկեցէ՛ք աղքատը ու տնանկը,

Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէ՛ք զանոնք»։

 Չեն իմանար ու չեն հասկնար,

Խաւարի մէջ կը պտըտին։

Երկրի բոլոր հիմերը շարժեցան։

 Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք.

Ու դուք ամէնքդ Բարձրեալին որդիներն էք,

 Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք

Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։

 Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը,

Վասն զի բոլոր ազգերը քեզի կը պատկանին։

ԱՂՕԹՔ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ասափին երգն ու Սաղմոսը

83 1 Ո՛վ Աստուած, լուռ մի՛ կենար.

Անձայն մի՛ ըլլար ու հանդարտ մի՛ կենար, ո՛վ Աստուած։

 Վասն զի ահա քու թշնամիներդ կը գոռան

Ու քեզ ատողները գլուխ կը վերցնեն։

 Խորամանկութեան հնարք կը գտնեն քու ժողովուրդիդ դէմ

Ու խորհուրդ կ’ընեն քու պահպանածներուդ դէմ։

 Կ’ըսեն. «Եկէ՛ք, կորսնցնե՛նք զանոնք, որպէս զի ազգ չըլլան

Ու ալ չյիշուի Իսրայէլին անունը»։

 Վասն զի միաբան սրտով խորհուրդ ըրին

Ու քեզի դէմ դաշնակցութիւն ըրին

 Եդովմին վրանները ու Իսմայելացիները,

Մովաբն ու Հագարացիները,

 Գեբաղն ու Ամմոնը եւ Ամաղէկը,

Փղշտացիները՝ Տիւրոսի բնակիչներուն հետ։

 Նաեւ Ասուր անոնց հետ միաբանեցաւ,

Ղովտին որդիներուն ձեռնտու եղան։ (Սէլա։)

 Ըրէ՛ անոնց ինչպէս Մադիամին,

Ինչպէս Սիսարային ու Յաբինին ըրիր Կիսոն հեղեղատին քով։

10 Անոնք Ենդովրի մէջ սատկեցան,

Աղբի պէս եղան երկրին վրայ։

11 Անոնց իշխանները Օրէբին ու Զէբին պէս

Ու անոնց բոլոր երեւելիները Զեբէէին ու Սաղմանային պէս ըրէ,

12 Որոնք ըսին. «Աստուծոյ բնակարանները

Մենք ժառանգենք մեզի համար»։

13 Ո՛վ իմ Աստուածս, անոնք մղեղի պէս,

Հովի առջեւ եղող շիւղի պէս ըրէ՛։

14 Ինչպէս կրակը անտառը կ’այրէ

Ու բոցը լեռները կը բռնկեցնէ,

15 Այնպէս հալածէ՛ զանոնք քու մրրիկովդ

Ու խռովութեան մէջ ձգէ՛ զանոնք քու փոթորիկովդ։

16 Լեցո՛ւր անոնց երեսները անարգանքով,

Որպէս զի քու անունդ խնդրեն, ո՛վ Տէր։

17 Թող ամչնան ու խռովին յաւիտեան

Եւ ամօթալից ըլլան ու կորսուին.

18 Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է,

Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։

ԲԱՂՁԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Կորխի որդիներուն Սաղմոսը

84 1 Ի՜նչպէս սիրելի են քու բնակարաններդ,

Ո՛վ զօրաց Տէր։

 Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի

Տէրոջը սրահներուն համար։

Իմ սիրտս ու մարմինս ցնծութեամբ կ’աղաղակեն

Կենդանի Աստուծոյն։

 Ճնճղուկն ալ տուն գտաւ

Ու ծիծեռնակը իրեն բոյն՝ իր ձագերը դնելու համար,

Քու սեղաններուդ քով, ո՛վ զօրաց Տէր,

Իմ Թագաւորս ու Աստուածս։

 Երանի՜ անոնց որ քու տանդ մէջ կը բնակին։

Անոնք անդադար քեզ պիտի օրհնեն։ (Սէլա։)

 Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը քեզմէ է

Ու իրենց սրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։

 Արտասուաց հովիտէն անցնելով աղբիւրի պէս կ’ընեն զանիկա։

Առաջին անձրեւն ալ օրհնութիւնով պիտի ծածկէ զանիկա։

 Անոնք զօրութենէ զօրութիւն պիտի երթան,

Մինչեւ որ Սիօնի մէջ Աստուծոյ առջեւ երեւնան.

 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս,

Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յակոբին Աստուածը։ (Սէլա։)

 Ո՛վ մեր վահանը Աստուած, տե՛ս

Ու քու օծեալիդ երեսին նայէ՛։

10 Վասն զի քու սրահներուդ մէջ

Մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է։

Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ,

Քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ։

11 Քանզի Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է.

Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։

Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ

Ուղղութեամբ քալողներէն։

12 Ո՛վ զօրաց Տէր,

Երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԳԻՆ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Կորխի որդիներուն Սաղմոսը

85 1 Ո՛վ Տէր, դուն հաւնեցար քու երկրիդ,

Յակոբը գերութենէ դուն դարձուցիր։

 Քու ժողովուրդիդ անօրէնութիւնը ներեցիր,

Անոնց բոլոր մեղքերը ծածկեցիր։ (Սէլա։)

 Հեռացուցիր քու բոլոր սրտմտութիւնդ,

Ետ դարձար քու սաստիկ բարկութենէդ։

 Մեզ դարձուր, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը

Եւ քու բարկութիւնդ՝ որ մեր վրայ է՝ դադրեցո՛ւր։

 Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞ս մեզի.

Քու բարկութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ պիտի երկնցնե՞ս։

 Միթէ ետ պիտի չդառնա՞ս ու մեզ կենդանացնես,

Որպէս զի քու ժողովուրդդ քեզմով ուրախ ըլլայ։

 Ցուցո՛ւր մեզի, ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ

Եւ քու փրկութիւնդ մեզի տուր։

 Պիտի լսեմ ինչ որ կը խօսի Տէր Աստուած.

Վասն զի խաղաղութեամբ պիտի խօսի իր ժողովուրդին ու իր սուրբերուն,

Որ սրտով իրեն կը դառնան։

 Արդարեւ իր փրկութիւնը մօտ է իրմէ վախցողներուն,

Որպէս զի մեր երկրին մէջ փառքը բնակի։

10 Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան,

Արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին։

11 Ճշմարտութիւնը երկրէն պիտի բուսնի

Ու արդարութիւնը երկնքէն վար պիտի նայի։

12 Տէրը բարութիւն պիտի տայ

Ու մեր երկիրը՝ իր պտուղը։

13 Արդարութիւնը անոր առջեւէն պիտի երթայ

Ու գնացքները ճամբու պիտի դնէ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Աղօթք Դաւիթի

86 1 Ո՛վ Տէր, խոնարհեցուր քու ականջդ։

Պատասխան տո՛ւր ինծի, վասն զի աղքատ ու տնանկ եմ։

 Պահէ իմ անձս, վասն զի ես սուրբ եմ։

Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դո՛ւն փրկէ։

 Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր,

Վասն զի քեզի կը կանչեմ ամէն օր։

 Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը,

Վասն զի դէպի քեզ կը վերցնեմ իմ անձս, ո՜վ Տէր։

 Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես

Եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։

 Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր

Ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։

 Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ,

Վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես։

 Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ո՛վ Տէր

Եւ քու գործերուդ պէս չկայ։

 Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան

Ու երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր

Եւ քու անուանդ փառք պիտի տան։

10 Վասն զի դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։

Միայն դո՛ւն Աստուած ես։

11 Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ,

Որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ.

Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ։

12 Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս

Ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ։

13 Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրաս

Ու դուն փրկեցիր իմ անձս խորունկ դժոխքէն։

14 Ո՛վ Աստուած, ամբարտաւանները ինծի դէմ ելան

Ու խումբ մը բռնաւորներ իմ անձս փնտռեցին

Եւ քեզ իրենց առջեւ չդրին։

15 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, գթած ու ողորմած Աստուած ես,

Երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն ես։

16 Նայէ՛ ինծի ու ողորմէ՛ ինծի։

Քու զօրութիւնդ տո՛ւր քու ծառայիդ

Ու քու աղախինիդ որդին փրկէ՛։

17 Բարութեան նշան մը ցուցո՛ւր ինծի,

Որպէս զի զիս ատողները տեսնեն ու ամչնան։

Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ

Կորխի որդիներուն Սաղմոսն ու երգը

87 1 Անոր հիմերը սուրբ լեռներուն վրայ են։

 Տէրը Սիօնի դռները

Յակոբին բոլոր բնակարաններէն աւելի կը սիրէ։

 Փառաւոր բաներ կը պատմուին քեզի համար,

Ո՛վ Աստուծոյ քաղաքը։ (Սէլա։)

 Ռահաբը ու Բաբելոնը պիտի յիշեմ զիս ճանչցողներուն մէջ,

Ահա Փղշտացիներուն երկիրը ու Տիւրոս Քուշի հետ.

Ասոնք ալ հոն ծնան։

 Սիօնին համար պիտի ըսուի թէ

«Այս մարդը ու այն մարդը հոն ծնաւ»

Եւ Բարձրեալը ի՛նք պիտի հաստատէ զանիկա։

 Տէրը ազգերը գրած ժամանակը պիտի ըսէ.

«Ասիկա հոն ծնաւ»։ (Սէլա։)

 Ու երգողները նոյնպէս ալ սրնգահարները պիտի ըսեն.

«Իմ բոլոր աղբիւրներս քու Մէջդ են»։

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԵՐՍ ՄԸ

Կորխի որդիներուն երգն ու Սաղմոսը

88 1 Ո՛վ Տէր իմ փրկութեանս Աստուա՛ծը,

Ցորեկը կ’աղաղակեմ ու գիշերը քու առջեւդ եմ։

 Իմ աղօթքս թող քու առջեւդ ելլէ։

Խոնարհեցո՛ւր քու ականջդ իմ աղաղակիս։

 Վասն զի իմ անձս չարիքներով լեցուեցաւ

Ու իմ կեանքս գերեզմանին մօտեցաւ։

 Գուբը իջնողներու հետ սեպուեցայ.

Ոյժ չունեցող մարդու մը պէս եղայ։

 Մեռելներու մէջ ինկած եմ

Գերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս,

Որոնք ա՛լ չես յիշեր

Ու քու ձեռքէդ մերժուած են։

 Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր,

Խաւար ու խոր անդունդներու մէջ։

 Քու սրտմտութիւնդ ճնշեց իմ վրաս

Եւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր։ (Սէլա։)

 Իմ ճանչուորներս ինձմէ հեռացուցիր,

Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջեւ.

Գոցուեցայ ու դուրս չեմ ելլեր։

 Տառապանքէն աչքերս վատացան.

Ամէն օր քեզի աղաղակեցի, ո՛վ Տէր,

Ձեռքերս քեզի երկնցուցի։

10 Միթէ մեռելներո՞ւն հրաշք պիտի ընես.

Միթէ մեռածնե՞րը պիտի ելլեն ու քեզ գովեն։ (Սէլա։)

11 Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջ

Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ կորստեան մէջ։

12 Միթէ կը ճանչցուի՞ն քու հրաշքներդ խաւարին մէջ

Ու քու արդարութիւնդ՝ մոռացման երկրին մէջ։

13 Բայց ես, ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի

Ու իմ աղօթքս առտուն քու առջեւդ պիտի ելլէ։

14 Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժես

Ու քու երեսդ կը ծածկես ինձմէ։

15 Ես խեղճ եմ ու մանկութենէս ի վեր մեռնելու վրայ եմ։

Քու ահերդ քաշեցի ու խռովեցայ։

16 Քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս իջաւ

Եւ քու զարհուրանքներդ զիս կորսնցուցին։

17 Ամէն օր ջուրի պէս զիս պատեցին,

Միասին չորս կողմս առին։

18 Հեռացուցիր ինձմէ սիրելին ու բարեկամը,

Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են։

ԵՐԳ ՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԱՏԵՆ

Եթան Եզրահացիին երգը

89 1 Տէրոջը ողորմութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ.

Քու հաւատարմութիւնդ իմ բերնովս ազգէ ազգ պիտի պատմեմ։

 Վասն զի ըսի թէ ողորմութիւնդ յաւիտեան պիտի հաստատուի.

Երկնքի մէջ պիտի հաստատես քու հաւատարմութիւնդ։

 «Ես իմ ընտրեալիս հետ ուխտ ըրի,

Իմ Դաւիթ ծառայիս երդում ըրի, ըսելով.

 ‘Քու սերունդդ յաւիտեան պիտի հաստատեմ

Եւ ազգէ ազգ պիտի շինեմ քու աթոռդ’»։ (Սէլա։)

 Երկինքն ալ կը փառաւորէ քու հրաշքներդ, ո՛վ Տէր

Եւ քու հաւատարմութիւնդ՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։

 Վասն զի ո՞վ կայ երկնքի մէջ Տէրոջը հաւասար

Ու հզօրներու որդիներուն մէջ ո՜վ կը նմանի Տէրոջը։

 Աստուած խիստ զարհուրելի է սուրբերուն ժողովին մէջ

Եւ ահաւոր է շուրջը եղողներուն վրայ։

 Ո՛վ Տէր, զօրքերու Աստուած, ո՞վ է քեզի պէս հզօր Տէր

Եւ քու հաւատարմութիւնդ քու բոլորտիքդ է։

 Դուն կը տիրես ծովուն հպարտութեանը վրայ,

Երբ անոր ալիքները բարձրանան, դուն կը հանդարտեցնես զանոնք։

10 Դուն ճնշեցիր Ռահաբը խոցուածի պէս,

Քու զօրութեանդ բազուկովը ցրուեցիր քու թշնամիներդ։

11 Քուկդ է երկինքը եւ քուկդ է երկիրը։

Դո՛ւն հիմնեցիր աշխարհը ու անոր լիութիւնը։

12 Հիւսիսը ու հարաւը դո՛ւն ստեղծեցիր.

Թաբորն ու Հերմոնը քու անունովդ կը ցնծան։

13 Դուն զօրաւոր բազուկ ունիս.

Քու ձեռքդ ուժով է, քու աջ ձեռքդ բարձրացած է։

14 Արդարութիւնը ու իրաւունքը քու աթոռիդ հիմն են,

Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը քու երեսիդ առջեւէն կ’երթան։

15 Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ ազդարարութեան փողերուն ձայնը.

Ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսովը պիտի քալեն։

16 Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան

Ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան։

17 Վասն զի դուն ես անոնց զօրութեանը փառքը

Եւ քու հաճութիւնովդ պիտի բարձրանայ մեր եղջիւրը։

18 Վասն զի մեր վահանը Տէրոջն է

Ու մեր թագաւորը Իսրայէլի Սուրբն է։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԴԱՒԻԹԻՆ

19 Այն ժամանակ տեսիլքով խօսեցար քու սուրբիդ հետ

Ու ըսիր. «Օգնութիւն դրի զօրաւորին վրայ,

Ժողովուրդէն ընտրուածը բարձրացուցի։

20 Իմ ծառաս Դաւիթը գտայ,

Իմ սուրբ իւղովս օծեցի զանիկա.

21 Անոր հետ իմ ձեռքս պիտի հաստատուի

Ու իմ բազուկս պիտի զօրացնէ զանիկա։

22 Թշնամին պիտի չհարստահարէ զանիկա

Ու անօրէնութեան որդին պիտի չչարչարէ զանիկա։

23 Անոր թշնամիները իր առջեւէն պիտի կոտրեմ

Ու զանիկա ատողները պիտի զարնեմ։

24 Իմ հաւատարմութիւնս ու ողորմութիւնս անոր հետ պիտի ըլլան

Ու անոր եղջիւրը իմ անունովս պիտի բարձրանայ։

25 Անոր ձեռքը ծովուն մէջ պիտի դնեմ

Ու անոր աջ ձեռքը՝ գետերուն մէջ։

26 Անիկա ինծի պիտի կանչէ՝ ‘Դուն ես իմ Հայրս,

Իմ Աստուածս ու իմ փրկութեանս Վէմը’։

27 Ես զանիկա անդրանիկ պիտի ընեմ՝

Երկրի թագաւորներէն աւելի բարձր։

28 Իմ ողորմութիւնս յաւիտեան պիտի պահեմ անոր համար

Ու իմ ուխտս անոր հետ հաւատարիմ պիտի ըլլայ։

29 Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի հաստատեմ

Ու անոր աթոռը երկնքի օրերուն չափ պիտի ընեմ։

30 Եթէ անոր որդիները իմ օրէնքս թողուն

Ու իմ իրաւունքներովս չքալեն,

31 Եթէ իմ կանոններս անարգեն

Ու իմ պատուիրանքներս չպահեն,

32 Ես ալ գաւազանով պիտի պատժեմ անոնց յանցանքը

Ու հարուածներով՝ անոնց անօրէնութիւնը։

33 Բայց իմ ողորմութիւնս պիտի չկտրեմ անկէ

Ու իմ հաւատարմութիւնս սուտ պիտի չհանեմ։

34 Իմ ուխտս պիտի չանարգեմ

Ու շրթունքներէս ելածը պիտի չփոխեմ։

35 Անգամ մը երդում ըրի իմ սրբութիւնովս,

Որ սուտ պիտի չըսեմ Դաւիթին.

36 Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի մնայ

Ու անոր աթոռը իմ առջեւս արեգակին չափ.

37 Լուսնին պէս յաւիտեան պիտի հաստատուի

Ու երկնքի մէջ հաւատարիմ վկայի պէս»։ (Սէլա։)

ՈՂԲ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

38 Բայց դուն երեսէ ձգեցիր ու անարգեցիր.

Քու օծեալիդ բարկացար,

39 Քու ծառայիդ հետ ըրած ուխտդ մերժեցիր,

Անոր թագը գետնին հաւասար ըրիր,

40 Անոր բոլոր պարիսպները փլցուցիր,

Անոր բերդերը աւերակ ըրիր։

41 Բոլոր ճամբայէն անցնողները կողոպտեցին զանիկա,

Նախատինք եղաւ իր դրացիներուն։

42 Զինք նեղողներուն աջ ձեռքը բարձրացուցիր,

Անոր բոլոր թշնամիները ուրախացուցիր։

43 Անոր սուրին բերանը դարձուցիր

Ու զինք պատերազմի մէջ չկայնեցուցիր։

44 Անոր փառքը դադրեցուցիր

Ու անոր աթոռը գետինը զարկիր։

45 Անոր երիտասարդութեան օրերը կարճցուցիր,

Զանիկա ամօթով ծածկեցիր։ (Սէլա։)

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

46 Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր,

Քու անձդ միշտ պիտի պահե՞ս

Եւ քու սրտմտութիւնդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։

47 Յիշէ՛ իմ կեանքիս երկարութիւնը.

Միթէ ունայնութեան համա՞ր ստեղծեցիր մարդոց բոլոր որդիները։

48 Ո՞վ է այն մարդը, որ կրնայ ապրիլ ու երբեք մահ չտեսնել

Եւ իր անձը դժոխքին ձեռքէն կրնայ փրկել։ (Սէլա։)

49 Ո՛վ Տէր, ո՞ւր են քու առաջուան ողորմութիւններդ,

Որոնք երդում ըրիր Դաւիթին քու հաւատարմութիւնովդ։

50 Ո՛վ Տէր, յիշէ՛ քու ծառաներուդ նախատինքը,

Որ իմ ծոցիս մէջ կը կրեմ բոլոր մեծ ազգերէն.

51 Որ քու թշնամիներդ անարգեցին, ո՛վ Տէր,

Որ քու օծեալիդ քայլերը անարգեցին։

52 Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը յաւիտեան։ Ամէն ու ամէն։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՐԴԸ

Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսին աղօթքը

90 1 Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ։

 Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝

Երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝

Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած։

 Դուն մարդը փոշի կը դարձնես

Ու կ’ըսես. «Ե՛տ դարձէք, մարդոց որդիներ»։

 Վասն զի հազար տարին քու առջեւդ երէկուան պէս է, որ անցաւ,

Կամ գիշերուան պահու մը պէս։

 Կ’ընկղմես զանոնք, երազի պէս կ’ըլլան.

Առտուն կանանչացած խոտի պէս կ’ըլլան.

 Առտուն կը ծաղկի ու կը կանանչանայ,

Իրիկունը կը կտրուի ու կը չորնայ։

 Վասն զի քու բարկութենէդ կը մաշինք

Եւ քու սրտմտութենէդ կը խռովինք։

 Մեր անօրէնութիւնները՝ քու առջեւդ

Ու մեր ծածուկ մեղքերը քու երեսիդ լոյսին մէջ դրիր։

 Վասն զի մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ’անցնին,

Մեր տարիները՝ ցնորքի մը պէս։

10 Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են.

Եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան,

Տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է,

Վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք։

11 Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը

Եւ քու սրտմտութիւնդ քու վախիդ համեմատ։

12 Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել,

Որ սրտի իմաստութիւն ստանանք։

13 Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ.

Գթա՛ քու ծառաներուդ։

14 Կշտացուր մեզ կանուխ քու ողորմութիւնովդ,

Որպէս զի ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ։

15 Ուրախացո՛ւր մեզ այն օրերուն չափովը որ տրտմեցուցիր.

Այն տարիներուն չափովը որ չարիք տեսանք։

16 Թող երեւնայ քու գործդ քու ծառաներուդ

Եւ քու փառքդ՝ անոնց որդիներուն։

17 Ու մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ։

Ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ.

Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆԸ

91 1 Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝

Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։

 Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է.

Իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։

 Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն,

Ապականիչ ժանտամահէն։

 Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ

Ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։

Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի։

 Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն

Ու ցորեկը՝ թռչող նետէն,

 Ոչ ալ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն

Ու կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն։

 Հազար հոգի քու քովէդ

Ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան,

Բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։

 Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս

Ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես։

 Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս,

Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր,

10 Քեզի չարիք պիտի չհասնի

Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ։

11 Վասն զի իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար,

Որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն։

12 Անոնք ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ,

Որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես։

13 Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալես.

Առիւծի կորիւնը ու վիշապը պիտի կոխկռտես։

14 Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ,

Անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա.

Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ,

Վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ։

15 Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ,

Նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ,

Պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա,

16 Երկայն օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա

Ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

Շաբաթ օրուան համար Սաղմոս ու երգ

92 1 Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն

Ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձրեալ,

 Առտուները՝ քու ողորմութիւնդ

Ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել

 Տասը լար ունեցող նուագարանով ու տաւիղով

Եւ քնարի ձայնով։

 Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր.

Քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ։

 Ո՛վ Տէր, որքա՜ն մեծ են քու գործերդ,

Շատ խորունկ են քու խորհուրդներդ։

 Անմիտ մարդը ասիկա չ’իմանար

Ու յիմարը չի հասկնար։

 Թէ՝ ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը

Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը

Իրենց յաւիտենական կորուստին կը տանին։

 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան բարձր ես։

 Վասն զի ահա քու թշնամիներդ, ո՛վ Տէր,

Վասն զի ահա քու թշնամիներդ պիտի կորսուին,

Բոլոր անօրէնութիւն գործողները պիտի ցրուին,

10 Բայց իմ եղջիւրս միեղջերուին եղջիւրին պէս պիտի բարձրացնես։

Ես նոր իւղով օծուեցայ

11 Եւ իմ աչքերս թշնամիներուս կորուստը տեսան,

Իմ ականջներս ինծի դէմ ելլող չարագործներուն կրած պատիժը լսեցին։

12 Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի,

Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ։

13 Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները

Մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ պիտի ծաղկին,

14 Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան,

Պարարտ ու կանանչ պիտի մնան,

15 Որպէս զի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է։

Անիկա իմ Վէմս է ու անիրաւութիւն չկայ անոր քով։

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

93 1 Տէրը կը թագաւորէ։ Մեծափառութիւն հագած է։

Տէրը զօրութիւն հագած ու գօտեւորուած է։

Աշխարհն ալ հաստատուած է, որպէս զի չսասանի։

 Քու աթոռդ հինէն հաստատ է.

Յաւիտենական ես դուն։

 Ո՛վ Տէր, գետերը բարձրացուցին,

Գետերը բարձրացուցին իրենց ձայնը.

Գետերը կը բարձրացնեն իրենց շառաչիւնը։

 Շատ ջուրերու ձայնէն ու ծովու զօրաւոր ալիքներէն

Աւելի զօրաւոր է Տէրը բարձրութեան մէջ։

 Քու վկայութիւններդ շատ վստահելի են։

Ո՛վ Տէր, սրբութիւնը քու տանդ կը վայլէ յաւիտեան։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԱՏԱՒՈՐ

94 1 Ո՛վ Տէր, վրէժխնդրութեա՛ն Աստուած,

Ո՛վ վրէժխնդրութեան Աստուած, յայտնուէ՛։

 Ելի՛ր, ո՛վ երկրի Դատաւոր,

Ամբարտաւաններուն հատուցում ըրէ՛։

 Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները,

Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները պարծենան.

 Գոռոզութեամբ բարբառելով խօսին

Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողները պարծենան։

 Ո՛վ Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը հարստահարեն

Ու քու ժառանգութիւնդ կը չարչարեն,

 Որբեւայրին ու պանդուխտը կը սպաննեն

Եւ որբերը կը մեռցնեն

 Ու կ’ըսեն. «Տէրը չի տեսներ

Եւ Յակոբին Աստուածը չ’իմանար»։

 Իմացէ՛ք, ո՛վ անմիտներ

Ու դո՛ւք, ո՛վ յիմարներ, ե՞րբ միտք պիտի առնէք։

 Միթէ ականջը տնկողը չի՞ լսեր,

Կամ թէ աչքը ստեղծողը չի՞ տեսներ։

10 Միթէ ազգերը խրատողը չի՞ յանդիմաներ.

Միթէ մարդուն գիտութիւն սորվեցնողը չի՞ գիտեր։

11 Տէրը մարդոց խորհուրդները գիտէ,

Որոնք ունայնութիւն են։

12 Երանի՜ այն մարդուն, որը դուն կը խրատես, ո՛վ Տէր

Եւ քու օրէնքդ անոր կը սորվեցնես,

13 Որպէս զի չարութեան օրերուն մէջ զանիկա հանգչեցնես,

Մինչեւ որ ամբարշտին համար հոր փորուի։

14 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ

Ու իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ։

15 Հապա իրաւունքը արդարութեան պիտի դառնայ

Ու բոլոր սրտով ուղիղները անոր ետեւէն պիտի երթան։

16 Ո՞վ ինծի համար չարերուն դէմ պիտի ելլէ,

Ո՞վ ինծի համար անօրէնութիւն գործողներուն դէմ պիտի կանգնի։

17 Եթէ Տէրը ինծի օգնական չըլլար,

Քիչ պիտի մնար, որ իմ անձս լռութեան տեղը բնակէր։

18 Երբ կ’ըսէի. «Իմ ոտքս կը սասանի»,

Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր.

19 Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝

Քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին։

20 Միթէ քեզի հետ հաղորդակցութիւն ունի՞ անօրէնութեան աթոռը,

Որ օրէնքին դէմ չարիք կը պատրաստէ։

21 Արդարին անձին դէմ կը հաւաքուին

Ու անմեղ արիւնը կը դատապարտեն։

22 Բայց Տէրը իմ ամրութիւնս է

Ու իմ Աստուածս՝ իմ ապաւինութեանս վէմը։

23 Անոնց անօրէնութիւնը իրենց վրայ պիտի դարձնէ

Ու զանոնք իրենց չարութիւնովը պիտի ջնջէ։

Մեր Տէր Աստուածը պիտի ջնջէ զանոնք։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

95 1 Եկէ՛ք ցնծութիւն ընենք Տէրոջը առջեւ,

Աղաղակե՛նք մեր փրկութեան Վէմին։

 Գոհութիւնով անոր երեսին առջեւ գա՛նք,

Սաղմոսներով աղաղակե՛նք անոր։

 Վասն զի Տէրը մեծ Աստուած է

Ու բոլոր աստուածներուն վրայ՝ մեծ Թագաւոր։

 Անոր ձեռքին մէջ են երկրի խորունկ տեղերը

Ու լեռներուն բարձրութիւնները անոր են։

 Իրն է ծովը ու ինք շինեց զանիկա

Եւ իր ձեռքերը ստեղծեցին ցամաքը։

 Եկէ՛ք, երկրպագութիւն ընենք ու ծռինք.

Ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրոջը առջեւ,

 Վասն զի ան է մեր Աստուածը

Ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը եւ անոր ձեռքին ոչխարներն ենք։

Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք,

 Ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք ինչպէս Մերիպայի մէջ,

Անապատին մէջ փորձութեան օրուանը պէս,

 Ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին,

Քննեցին զիս ու իմ գործերս տեսան։

10 Քառասուն տարի զզուեցայ այն ազգէն

Ու ըսի. «Անոնք սրտով մոլորած ժողովուրդ մըն են,

Իմ ճամբաներս չճանչցան»։

11 Ուստի իմ բարկութեանս մէջ երդում ըրի,

Որ անոնք իմ հանգիստս չմտնեն։

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

96 1 Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը,

Ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։

 Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։

Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։

 Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք

Ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ,

 Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի։

Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է,

 Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են,

Բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։

 Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ,

Զօրութիւն ու գեղեցկութիւն՝ անոր սրբարանին մէջ։

 Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր,

Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։

 Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը.

Ընծայ բերէ՛ք ու անոր սրահներուն մէջ մտէ՛ք.

 Սուրբ հանդէսով Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք.

Վախցէ՛ք անոր երեսէն, ո՛վ բոլոր երկիր։

10 Հեթանոսներուն մէջ ըսէք. «Տէրը կը թագաւորէ.

Աշխարհն ալ հաստատած է, որպէս զի չսասանի.

Անիկա պիտի դատէ ժողովուրդները ուղղութիւնով»։

11 Երկինք թո՛ղ ուրախանայ ու երկիր ցնծայ.

Ծովը իր լիութիւնովը թո՛ղ գոռայ.

12 Դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թո՛ղ ուրախանան.

Այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան

13 Տէրոջը առջեւ, վասն զի պիտի գայ,

Վասն զի պիտի գայ երկիրը դատելու.

Պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով

Ու ժողովուրդները՝ իր ճշմարտութիւնովը։

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ

97 1 Տէրը կը թագաւորէ, երկիր թո՛ղ ցնծայ.

Շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան։

 Անոր շուրջը ամպ ու մառախուղ կայ,

Արդարութիւնը ու իրաւունքը անոր աթոռին հիմերն են։

 Անոր առջեւէն կրակ կ’երթայ

Ու անոր շուրջի թշնամիները կ’այրէ։

 Անոր փայլակները աշխարհը կը լուսաւորեն։

Երկիր կը տեսնէ ու կը դողայ։

 Լեռները մոմի պէս կը հալին Եհովային երեսէն,

Բոլոր երկրին Տէրոջը երեսէն։

 Երկինք կը պատմէ անոր արդարութիւնը

Ու բոլոր ժողովուրդները կը տեսնեն անոր փառքը։

 Թո՛ղ ամչնան այն ամէնքը, որոնք կուռքերուն կը ծառայեն,

Որոնք ունայնութիւններով կը պարծենան։

Ո՛վ բոլոր աստուածներ, անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք։

 Սիօն լսեց եւ ուրախացաւ

Եւ Յուդային աղջիկները ցնծացին

Քու իրաւունքներուդ համար, ո՛վ Տէր։

 Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։

Շատ բարձրացար բոլոր աստուածներուն վրայ։

10 Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք։

Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ,

Ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք։

11 Արդարին համար լոյս ծագեցաւ

Եւ սրտով ուղիղներուն համար՝ ուրախութիւն։

12 Տէրոջմով ուրախացէ՛ք, ո՛վ արդարներ

Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՇԽԱՆԸ

Սաղմոս

98 1 Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը,

Վասն զի հրաշքներ ըրաւ,

Իր աջ ձեռքը ու սուրբ բազուկը

Իրեն փրկութիւն տուին։

 Տէրը ցուցուց իր փրկութիւնը,

Ազգերուն առջեւ յայտնեց իր արդարութիւնը։

 Յիշեց իր ողորմութիւնը ու իր հաւատարմութիւնը

Իսրայէլի տանը համար.

Երկրի բոլոր ծայրերը

Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը տեսան։

 Ցնծացէ՛ք Տէրոջը առջեւ, ո՜վ բոլոր երկիր.

Ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք։

 Սաղմոս երգեցէ՛ք Տէրոջը՝ քնարով,

Քնարով ու սաղմոսի ձայնով,

 Փողերով ու շեփորի ձայնով,

Աղաղակեցէ՛ք Տէր թագաւորին առջեւ։

 Թո՛ղ գոռան ծովն ու անոր լիութիւնը,

Աշխարհ ու անոր բնակիչները։

 Գետերը թո՛ղ ծափ զարնեն

Ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան

 Տէրոջը առջեւ, վասն զի կու գայ երկիրը դատելու։

Անիկա պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով

Ու ժողովուրդները՝ ուղղութիւնով։

ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

99 1 Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։

Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։

 Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ

Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։

 Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։

Անիկա սուրբ է։

 Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ։

Ուղղութիւն հաստատեցիր,

Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։

 Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը

Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։

Անիկա սուրբ է։

 Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ

Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ

Տէրոջը կ’աղաղակէին։

Անիկա պատասխան կու տար անոնց։

 Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։

Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները

Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։

 Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց.

Դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, անոնց կը ներէիր,

Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն։

 Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը

Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր սուրբ լերանը վրայ.

Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։

ԳՈՀՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

Գոհութեան Սաղմոս

100 1 Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։

 Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ.

Անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։

 Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած.

Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք.

Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։

 Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ

Ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ.

Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։

 Վասն զի Տէրը բարի է.

Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է

Ու անոր հաւատարմութիւնը՝ ազգէ մինչեւ ազգ։

ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

Սաղմոս Դաւիթի

101 1 Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։

Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։

 Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ.

Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։

Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։

 Աչքերուս առջեւ չար բան պիտի չդնեմ,

Մոլորածներուն գործը կ’ատեմ,

Թող անիկա ինծի չփակչի։

 Ծուռ սիրտը թող զատուի ինձմէ։

Չարը պիտի չճանչնամ։

 Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ.

Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝

Անոր պիտի չհամբերեմ։

 Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ պիտի ըլլան,

Որպէս զի ինծի հետ բնակին։

Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը

Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։

 Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ.

Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։

 Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները,

Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։

ՉԱՐՉԱՐՈՒԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ

Վշտալիին աղօթքը՝ երբ սիրտը կը մարի ու գանգատը Տէրոջը առջեւ կը թափէ

102 1 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս

Ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի։

 Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինձմէ իմ նեղութեանս օրը,

Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ,

Շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կը կանչեմ։

 Վասն զի իմ օրերս մուխի պէս անհետացան

Եւ իմ ոսկորներս խռիւի պէս այրեցան։

 Սիրտս զարնուեցաւ ու խոտի պէս չորցաւ,

Այնպէս որ իմ հացս ուտել մոռցայ։

 Հառաչանքիս ձայնէն

Ոսկորներս մարմնիս փական։

 Անապատին մէջի հաւալուսին նմանեցայ,

Աւերակներուն բուին պէս եղայ։

 Անքուն մնացի ու նման եղայ

Տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին։

 Ամէն օր իմ թշնամիներս զիս կը նախատեն,

Իմ վրաս սաստիկ բարկացողները ինծի դէմ երդում կ’ընեն։

 Վասն զի մոխիրը հացի պէս կերայ

Ու խմելիքս արցունքով խառնեցի՝

10 Քու բարկութեանդ ու սրտմտութեանդ համար՝

Վասն զի զիս վերցուցիր ու նետեցիր։

11 Իմ օրերս երկնցած ստուերի պէս եղան

Ու ես խոտի պէս չորցայ։

12 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը կենաս

Եւ քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։

13 Դուն պիտի ելլես ու Սիօնին ողորմիս.

Վասն զի ժամանակն է անոր ողորմելու,

Քանզի որոշուած ժամանակը հասաւ։

14 Քու ծառաներդ անոր քարերուն կը հաւնին

Ու անոր հողին կը գթան։

15 Հեթանոսները պիտի վախնան Տէրոջը անունէն

Ու երկրի բոլոր թագաւորները՝ քու փառքէդ։

16 Տէրը պիտի շինէ Սիօնը,

Իր փառքովը պիտի երեւնայ։

17 Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ

Ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ։

18 Այս պիտի գրուի գալու ազգին համար։

Դեռ չծնած ժողովուրդը Տէրոջը գոհութիւն պիտի տայ։

19 Վասն զի իր սրբութեանը բարձրութենէն նայեցաւ։

Տէրը երկնքէն երկրի վրայ նայեցաւ,

20 Որպէս զի կապուածին հառաչանքը լսէ

Ու մահուան դատապարտուածները արձակէ։

21 Որպէս զի Սիօնի մէջ Տէրոջը անունը պատմեն

Ու անոր գովութիւնը՝ Երուսաղէմի մէջ,

22 Երբ ժողովուրդները ու թագաւորութիւնները

Մէկտեղ հաւաքուին՝

Տէրոջը ծառայելու համար։

23 Անիկա զօրութիւնս տկարացուց ճամբուն մէջ

Ու իմ օրերս կարճեցուց։

24 Ես ըսի. «Ո՛վ իմ Աստուածս,

Իմ օրերուս կիսուն մէջ զիս մի՛ վերցներ։

Քու տարիներդ ազգէ մինչեւ ազգ են։

25 Սկիզբէն երկրին հիմերը դրիր

Ու երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։

26 Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս։

Անոնց ամէնքը լաթի պէս պիտի մաշին,

Հանդերձի պէս պիտի փոխես զանոնք

Ու պիտի փոխուին։

27 Բայց դուն նոյնն ես

Եւ քու տարիներդ պիտի չվերջանան։

28 Քու ծառաներուդ որդիները ապահով պիտի բնակին

Ու անոնց սերունդը հաստատ պիտի մնայ քու առջեւդ»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ

Սաղմոս Դաւիթի

103 1 Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը

Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։

 Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը

Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։

 Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ

Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ,

 Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ

Եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով.

 Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով

Ու քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի։

 Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կ’ընէ

Բոլոր զրկուածներուն.

 Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց

Ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն։

 Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը,

Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։

 Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր

Եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր։

10 Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի

Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։

11 Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է,

Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։

12 Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է,

Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։

13 Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ,

Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։

14 Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը,

Կը յիշէ թէ մենք հող ենք։

15 Մարդուն օրերը խոտի պէս են,

Դաշտի ծաղիկի պէս կը ծաղկին։

16 Վասն զի հովը անոր վրայէն կ’անցնի ու ան կ’ոչնչանայ

Եւ ա՛լ անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա։

17 Բայց Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է

Ու անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ.

18 Անոնց վրայ է՝ որոնք կը պահեն անոր ուխտը

Եւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները եւ կը կատարեն։

19 Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։

Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։

20 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք,

Որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։

21 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր,

Անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ։

22 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր գործեր,

Անոր տէրութեանը ամէն տեղերուն մէջ.

Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։

ԱՐԱՐՉԻՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

104 1 Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս.

Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս, դուն խիստ մեծ ես.

Փառք ու վայելչութիւն հագած ես.

 Լոյսը հանդերձի պէս կը հագնիս,

Երկինքը վարագոյրի պէս կը տարածես։

 Անիկա իր վերնատունները ջուրերուն վրայ կը շինէ,

Ամպերը իրեն կառք կ’ընէ,

Հովին թեւերուն վրայ կը պտըտի։

 Իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ

Ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։

 Անիկա հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ,

Որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի

 Անիկա անդունդով ծածկեցիր, իբր թէ հանդերձով,

Ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան։

 Քու սաստելէդ փախան,

Քու որոտմունքիդ ձայնէն արտորալով փախան,

 Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ ինկան,

Այն տեղը որ դուն հաստատեցիր անոնց համար։

 Սահման դրիր, որպէս զի չանցնին

Ու նորէն երկիրը չծածկեն։

10 Ձորերուն մէջ աղբիւրներ կը ղրկէ,

Ջուրերը լեռներուն մէջէն կը հոսին։

11 Անոնք դաշտի բոլոր գազաններուն կը խմցնեն

Ու վայրի էշերը իրենց ծարաւը կ’անցընեն։

12 Անոնց քով երկնքի թռչունները կը բնակին,

Ոստերուն մէջէն ձայն կու տան։

13 Անիկա իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ։

Քու գործերուդ պտուղէն երկիրը կը կշտանայ։

14 Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ

Ու մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս,

Որպէս զի կերակուր հանէ երկրէն

15 Ու գինի՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը

Եւ իւղ՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէ

Ու հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը։

16 Տէրոջը ծառերը առատութեամբ ոռոգուած են,

Լիբանանի եղեւինները՝ որոնք ինք տնկեց։

17 Հոն թռչունները բոյներնին կը շինեն

Ու արագիլին բնակարանը մայրիներուն վրայ է։

18 Բարձր լեռները այծեամներուն ապաւէն են

Ու վէմերը՝ ճագարներուն։

19 Ժամանակներու համար լուսինը ստեղծեց.

Արեգակը իր մարը մտնելու ժամանակը գիտէ։

20 Խաւարը կը դնես ու գիշեր կ’ըլլայ,

Որուն մէջ անտառին բոլոր գազանները կը պտըտին։

21 Առիւծներուն կորիւնները կը մռնչեն յափշտակութեան համար

Ու Աստուծմէ իրենց կերակուրը կը խնդրեն.

22 Երբ արեգակը ծագի կը հեռանան

Եւ իրենց որջերուն մէջ կը պառկին։

23 Մարդ մինչեւ իրիկուն իր գործին

Ու իր ծառայութեանը կ’երթայ։

24 Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ.

Որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։

Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ։

25 Այս ծովը մեծ ու լայն է,

Հոն անթիւ սողացողներ,

Պզտիկ ու մեծ կենդանիներ կան։

26 Հոն նաւերը կը քալեն

Ու Լեւիաթանը՝ որ անոնց մէջ խաղալու համար ստեղծեցիր։

27 Ամէնքը քեզի կը սպասեն,

Որպէս զի իրենց կերակուրը ժամանակին տաս։

28 Դուն անոնց կու տաս ու անոնք կը հաւաքեն։

Ձեռքդ կը բանաս ու բարութիւնով կը կշտանան։

29 Երբ քու երեսդ ծածկես՝ կը խռովին.

Երբ անոնց հոգին առնես՝ կը մեռնին

Եւ իրենց հողը կը դառնան։

30 Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կը ստեղծուին

Ու երկրին երեսը կը նորոգես։

31 Տէրոջը փառքը յաւիտենական թող ըլլայ.

Տէրը իր գործերուն վրայ թող ուրախանայ։

32 Երկրի վրայ կը նայի ու ան կը դողայ.

Լեռներուն կը դպչի եւ անոնք կը մխան։

33 Տէրոջ պիտի երգեմ բոլոր կեանքիս մէջ.

Սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս՝ քանի որ ողջ եմ։

34 Անոր վրայով իմ մտածութիւնս քաղցր պիտի ըլլայ։

Ես Տէրոջմով պիտի ուրախանամ։

35 Մեղաւորները աշխարհէն թող պակսին

Ու ամբարիշտները ոչնչանան։

Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Ալէլուիա՜։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

105 1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք,

Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։

 Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր,

Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։

 Անոր սուրբ անունովը հպարտացէ՛ք։

Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։

 Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք,

Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՜ք.

 Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները,

Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները։

 Ո՛վ անոր ծառային՝ Աբրահամին՝ սերունդ,

Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։

 Եհովան ինքն է մեր Աստուածը.

Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։

 Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ

Ու իր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ.

 Այն ուխտը որ Աբրահամին ըրաւ

Ու իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ,

10 Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալու

Ու Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը,

11 Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը,

Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։

12 Երբ անոնք սակաւաթիւ էին,

Քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ

13 Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին,

Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի,

14 Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ.

Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար,

15 Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք

Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։

16 Երբ սով բերաւ երկրի վրայ,

Հացին բոլոր զօրութիւնը կոտրեց։

17 Անոնց առջեւէն մարդ ղրկեց,

Յովսէփը՝ որ ծառայութեան ծախուեցաւ։

18 Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին,

Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ՝

19 Մինչեւ այն ժամանակ, երբ անոր խօսքը եկաւ,

Տէրոջը խօսքը փորձեց զանիկա։

20 Թագաւորը ղրկեց ու արձակեց զանիկա։

Ժողովուրդներուն իշխանը ազատեց զանիկա։

21 Իր տանը վրայ տէր կեցուց զանիկա

Եւ իր բոլոր ունեցածին վրայ՝ իշխան,

22 Որպէս զի անոր իշխանները իր ուզածին պէս կապէ

Ու անոր ծերերը իմաստուն ընէ։

23 Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւ

Ու Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ։

24 Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուց

Ու զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ։

25 Անոնց սիրտը դարձուց, որպէս զի իր ժողովուրդը ատեն

Ու իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն։

26 Իր ծառան Մովսէսը ղրկեց

Եւ իր ընտրած Ահարոնը,

27 Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրին

Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ։

28 Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուց

Եւ անոր խօսքին դէմ չկեցան։

29 Անոնց ջուրերը արիւնի դարձուց

Ու անոնց ձուկերը սպաննեց։

30 Անոնց երկիրը առատօրէն գորտեր դուրս բերաւ,

Մինչեւ անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ։

31 Ըսաւ՝ ու շանաճանճը եւ մուները

Անոնց բոլոր սահմաններուն մէջ եկան։

32 Անձրեւի տեղ կարկուտ տուաւ անոնց

Ու կրակի բոցեր՝ անոնց երկրին մէջ։

33 Անոնց որթատունկերը ու թզենիները զարկաւ

Եւ անոնց սահմաններուն ծառերը կոտրտեց։

34 Ըսաւ՝ ու եկան մարախը

Եւ ջորեակը՝ առանց համրանքի,

35 Որոնք անոնց երկրին մէջի բոլոր խոտը

Եւ անոնց արտերուն պտուղը կերան։

36 Անոնց երկրին բոլոր անդրանիկները

Ու անոնց բոլոր զօրութեանը սկիզբը զարկաւ։

37 Զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեց

Ու անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար։

38 Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն,

Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր։

39 Ցորեկը՝ հովանի ըլլալու համար ամպ

Ու գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։

40 Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւ

Ու երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։

41 Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին,

Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։

42 Վասն զի իր սուրբ խոստումը յիշեց,

Որ իր Աբրահամ ծառային ըրեր էր։

43 Ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեց

Եւ իր ընտրածները՝ ուրախութիւնով։

44 Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ

Եւ անոնք ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին,

45 Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահեն

Ու անոր օրէնքները կատարեն։ Ալէլուիա՜։

ՏԷՐՈՋԸ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

106 1 Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը։

Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամէն գովութիւնը։

 Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն

Ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ’ընեն։

 Յիշէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած հաճութեանդ համեմատ,

Ինծի այցելութիւն ըրէ քու փրկութիւնովդ,

 Որպէս զի քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ,

Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ,

Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ։

 Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք,

Անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք։

 Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ,

Չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը,

Հապա ապստամբեցան ծովուն քով,

Կարմիր ծովուն քով։

 Բայց զանոնք իր անուանը համար փրկեց,

Որպէս զի իր մեծ զօրութիւնը ճանչցնէ։

 Եւ Կարմիր ծովուն հրամայեց ու ցամքեցաւ

Ու անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբր թէ անապատին մէջէն

10 Զանոնք փրկեց ատողին ձեռքէն

Ու ազատեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն։

11 Ջուրերը անոնց թշնամիները ծածկեցին,

Անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։

12 Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքին

Եւ օրհնութիւն երգեցին անոր։

13 Շուտով մոռցան անոր գործերը

Ու անոր խրատին չսպասեցին։

14 Անապատին մէջ խիստ ցանկացին

Ու Աստուած փորձեցին անջուր տեղին մէջ։

15 Եւ անոնց տուաւ անոնց ուզածը

Թէպէտեւ վատուժութիւն ղրկեց անոնց անձերուն վրայ։

16 Երբ Մովսէսին նախանձեցան բանակին մէջ

Ու Տէրոջը սուրբին՝ Ահարոնին,

17 Երկիրը բացուեցաւ ու կլլեց Դաթանը

Ու Աբիրոնի ժողովը ծածկեց։

18 Կրակը բորբոքեցաւ անոնց ժողովին մէջ,

Բոցը այրեց ամբարիշտները։

19 Հորթ շինեցին Քորեբի մէջ

Ու երկրպագութիւն ըրին ձուլածոյ պատկերին։

20 Իրենց Փառքը

Խոտակեր արջառի նմանութեանը փոխեցին։

21 Մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը,

Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ

22 Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ

Եւ ահաւոր բաներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ։

23 Ուստի ըսաւ թէ՝ զանոնք պիտի կորսնցնեմ,

Եթէ անոր ընտրեալը՝ Մովսէս՝

Մէջտեղը անոր առջեւ կայնած չըլլար,

Անոր բարկութիւնը իջեցնելու համար, որպէս զի չսատկեցնէ։

24 Նաեւ այն ցանկալի երկիրը անարգեցին

Ու անոր խօսքին չհաւատացին։

25 Իրենց վրաններուն մէջ տրտնջեցին,

Տէրոջը ձայնը չլսեցին։

26 Ուստի անոնց համար երդում ըրաւ,

Որ զանոնք անապատին մէջ ձգէ

27 Եւ անոնց սերունդը՝ ազգերու մէջ,

Զանոնք երկիրներու մէջ ցրուէ։

28 Բայց անոնք Բելփեգովրի յարեցան

Ու մեռածներուն զոհերը կերան

29 Եւ իրենց գործերովը Տէրը բարկացուցին։

Ուստի անոնց վրայ ժանտամահ հասաւ։

30 Ետքը Փենէհէս ելաւ ու բարեխօսեց

Եւ ժանտամահը դադրեցաւ։

31 Այս բանը անոր արդարութիւն սեպուեցաւ՝

Ազգէ մինչեւ ազգ՝ յաւիտեան։

32 Նաեւ բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։

Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ,

33 Վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։

Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը։

34 Չկորսնցուցին այն ազգերը,

Որ Տէրը պատուիրեր էր անոնց.

35 Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցան

Ու անոնց գործերը սորվեցան

36 Եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցին

Ու անոնք իրենց որոգայթ եղան։

37 Իրենց տղաքներն ու աղջիկները

Դեւերուն զոհեցին,

38 Անմեղ արիւն թափեցին,

Իրենց տղաքներուն ու աղջիկներուն արիւնը,

Որոնք զոհեցին Քանանի կուռքերուն։

Երկիրը պղծուեցաւ արիւնով։

39 Իրենց գործերովը պղծուեցան

Ու իրենց ըրածներովը պոռնկութիւն ըրին,

40 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին վրայ

Ու զզուեցաւ իր ժառանգութենէն։

41 Զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեց

Ու զանոնք ատողները տիրեցին անոնց վրայ։

42 Անոնց թշնամիները նեղեցին զանոնք

Ու անոնց ձեռքին տակ խոնարհեցան։

43 Շատ անգամ փրկեց անոնք,

Բայց անոնք իրենց խորհուրդներովը դառնացուցին Անիկա

Ու նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար։

44 Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը,

Երբ անոնց աղաղակը լսեց

45 Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեց

Եւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջաց

46 Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջեւ

Գթութիւն գտնել տուաւ անոնց։

47 Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը

Ու հաւաքէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն,

Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք

Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։

48 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը,

Յաւիտեանս յաւիտենից։

Բոլոր ժողովուրդը թող ըսէ. «Ամէն»։ Ալէլուիա՜։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

107 1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները,

Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն

 Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն,

Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու ծովէն։

 Անոնք մոլորեցան անապատին մէջ, անջուր ճամբու մէջ.

Բնակելու քաղաք չգտան։

 Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝

Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր։

 Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ

Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն

 Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց,

Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։

 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար

Ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

 Վասն զի անիկա ծարաւցած հոգին կը յագեցնէ

Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ։

10 Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին,

Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին,

11 Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան

Ու Բարձրեալին խորհուրդը անարգեցին.

12 Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը։

Ինկան ու օգնական մը չկար։

13 Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ

Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն։

14 Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց

Ու անոնց կապանքները կոտրտեց։

15 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,

Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

16 Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց

Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց։

17 Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար

Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն։

18 Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի

Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը մօտենան։

19 Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ

Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։

20 Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք

Ու կ’ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։

21 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,

Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

22 Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն

Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։

23 Նաւերով ծովը իջնողները

Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները,

24 Անոնք Տէրոջը գործերը

Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ։

25 Վասն զի ան կ’ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ,

Որ անոր ալիքները բարձրացնէ։

26 Երկինք կ’ելլեն ու անդունդը կ’իջնեն։

Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին,

27 Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ’երերան

Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի։

28 Այն ատեն Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ

Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։

29 Մրրիկը կը հանդարտեցնէ

Ու ալիքները կը դադարին։

30 Իրենք ալ կ’ուրախանան, որ դադարեցան

Եւ կ’առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։

31 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,

Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։

32 Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին մէջ

Ու ծերերուն ատեանին մէջ թող գովեն զանիկա։

33 Գետերը անապատներու կը դարձնէ

Ու ջուրերուն գնացքները՝ չոր երկրի

34 Ու պտղաբեր երկիրը՝ աղի երկրի,

Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար։

35 Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ

Ու չոր երկիրը՝ ջուրերու գնացքի

36 Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ,

Որպէս զի բնակելու քաղաք հիմնեն

37 Ու արտեր հերկեն ու ցանեն ու այգիներ տնկեն,

Որպէս զի պտուղ բերեն։

38 Զանոնք կ’օրհնէ եւ անոնք խիստ կը բազմանան

Ու անոնց անասունները չի պակսեցներ։

39 Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան

Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ։

40 Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ

Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ։

41 Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ

Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ’ընէ։

42 Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան

Բայց ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։

43 Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։

Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Դաւիթին երգն ու Սաղմոսը

108 1 Իմ սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած. սիրտս պատրաստ է։

Պիտի երգեմ ու սաղմոս ըսեմ իմ փառքովս։

 Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար։

Ես կանուխ պիտի արթննամ։

 Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ

Ու սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ։

 Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ է ու երկնքէն վեր

Եւ քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։

 Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած

Ու քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։

 Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։

Աջ ձեռքովդ ապրեցուր ու պատասխան տուր ինծի։

 Աստուած իր սրբութիւնովը խօսեցաւ.

«Ես ցնծութեամբ Սիւքէմը պիտի բաժնեմ

Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։

 Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն

Եւ Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է։

Յուդան իմ օրէնսդիրս է.

 Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է։

Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս.

Փղշտացիներուն դէմ ցնծութեամբ պիտի աղաղակեմ»։

10 Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը.

Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։

11 Չէ՞ որ դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ

Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։

12 Նեղութեան մէջ մեզի օգնէ,

Վասն զի փուճ է մարդուն օգնութիւնը։

13 Աստուծմով քաջութիւն պիտի ունենանք։

Ան պիտի ոտնակոխէ մեր թշնամիները։

ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՏՐՏՈՒՆՋԸ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

109 1 Ո՛վ իմ օրհնութեանս Աստուածը, լուռ մի՛ կենար.

 Վասն զի ամբարշտին

Ու նենգաւորին բերանը բացուեցաւ իմ վրաս,

Ինծի դէմ սուտ լեզուով խօսեցան։

 Ատելութեան խօսքերով զիս պատեցին

Եւ ինծի հետ անիրաւ տեղը կռուեցան։

 Իմ սիրոյս փոխարէն հակառակութիւն ըրին ինծի,

Բայց ես աղօթք կ’ընէի։

 Նաեւ իմ բարիքիս տեղ չարիք հատուցանեցին

Ու իմ սիրոյս տեղ՝ ատելութիւն։

 Անոր վրայ ամբարիշտ մը վերակացու դիր

Եւ Սատանան թող կայնի անոր աջ կողմը.

 Երբ դատուի՝ յանցաւոր թող ելլէ

Ու անոր աղօթքը մեղք թող սեպուի։

 Անոր օրերը թող պակսին

Եւ անոր պաշտօնը ուրիշը թող առնէ։

 Անոր որդիները որբ թող ըլլան

Ու անոր կինը՝ որբեւայրի։

10 Անոր որդիները թափառական թող ըլլան ու մուրան

Եւ իրենց աւերակներէն ելլելով հաց փնտռեն։

11 Փոխ տուողը թող առնէ անոր բոլոր ունեցածը

Ու օտարները յափշտակեն անոր վաստկածը։

12 Բնաւ մէկը գթութիւն թող չընէ անոր

Ու մէ՛կը թող չողորմի անոր որբերուն։

13 Անոր զաւակները կորուստի թող մատնուին,

Անոնց անունը գալու ազգին մէջէն թող ջնջուի։

14 Անոր հայրերուն անօրէնութիւնը Տէրոջը առջեւ թող յիշուի

Եւ անոր մօրը մեղքը՝ չջնջուի։

15 Անոնք ամէն ժամանակ Տէրոջը առջեւ թող ըլլան,

Որպէս զի անոնց յիշատակը երկրէն վերցուի։

16 Վասն զի անիկա ողորմութիւն ընելը չյիշեց,

Հապա խեղճը ու աղքատը հալածեց,

Որպէս զի սիրտը կոտրածը սպաննէ։

17 Նաեւ անէծքը սիրեց։ Անէծքը թող անոր վրայ գայ։

Օրհնութիւնը չուզեց, ուստի օրհնութիւնը թող անկէ հեռանայ։

18 Անէծքը իր հանդերձին պէս հագաւ,

Ուստի անէծքը ջուրի պէս անոր փորը թող մտնէ

Ու ձէթի պէս՝ անոր ոսկորներուն մէջ։

19 Հագնելու հանդերձի պէս

Ու միշտ մէջքը կապելու գօտիի պէս թող ըլլայ անոր։

20 Ինծի հակառակ կեցողներուն

Ու իմ անձիս համար չար խօսողներուն վարձքը այս թող ըլլայ Տէրոջմէն։

21 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, օգնէ՛ ինծի քու անուանդ համար.

Փրկէ՛ զիս քու բարի ողորմութեամբդ։

22 Վասն զի ես խեղճ ու աղքատ եմ

Ու իմ սիրտս ներսիդիս խոցուած է։

23 Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ,

Մարախի պէս թօթուուեցայ։

24 Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան

Ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ։

25 Ես անոնց նախատինք եղայ,

Երբ զիս տեսնեն՝ գլուխնին կը շարժեն։

26 Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս.

Փրկէ՛ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ։

27 Թող գիտնան թէ ա՛յս է քու ձեռքդ

Եւ դուն ըրիր ասիկա, ո՛վ Տէր։

28 Թող անոնք անիծեն, բայց դուն օրհնէ՛,

Երբ ինծի դէմ ելլեն, թող ամչնան,

Բայց քու ծառադ թող ուրախ ըլլայ։

29 Իմ թշնամիներս թող նախատինք հագնին

Ու իրենց ամօթը պատմուճանի պէս իրենց վրայ առնեն։

30 Շատ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն իմ բերնովս

Ու շատերուն մէջ պիտի օրհնեմ զանիկա։

31 Վասն զի ինք աղքատին աջ կողմը կը կենայ,

Որպէս զի անոր անձը դատապարտողներէն փրկէ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Սաղմոս Դաւիթի

110 1 Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս,

Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։

 Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։

Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։

 Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը

Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով.

Քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն

Աւելի պիտի ըլլան քեզի։

 Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ.

«Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես»։

 Տէրը քու աջ կողմդ է,

Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։

 Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի ընէ,

Մեռելներով պիտի լեցնէ,

Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ։

 Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ.

Անոր համար գլուխ պիտի բարձրացնէ։

ՏԷՐՈՋԸ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

111 1 Ալէլուիա՜։ Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ

Ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ։

 Տէրոջը գործերը մեծ են։

Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին։

 Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է

Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։

 Յիշել տուաւ իր հրաշքները։

Տէրը ողորմած ու գթած է։

 Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։

Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։

 Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին,

Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։

 Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են,

Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։

 Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են,

Ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են։

 Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին,

Իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։

Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։

10 Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է.

Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն.

Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։

ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

112 1 Ալէլուիա՜։ Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ

Ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։

 Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւ

Ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի։

 Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ

Ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։

 Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, քանզի

Ողորմած ու գթած եւ արդար է։

 Բարի մարդը կ’ողորմի ու փոխ կու տայ,

Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ։

 Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի եւ

Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։

 Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար.

Անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։

 Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ,

Մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ։

 Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ.

Անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։

Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ։

10 Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ։

Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի։

Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

113 1 Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ,

Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,

 Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը

Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

 Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք

Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։

 Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ.

Անոր փառքը երկնքէն վեր է։

 Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ,

Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի.

 Որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները

Տեսնելու համար կը խոնարհի,

 Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ

Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ,

 Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝

Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ,

 Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ

Ու որդիներու ուրախ մայր կ’ընէ։ Ալէլուիա՜։

ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

114 1 Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ

Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն,

 Յուդան՝ անոր սրբարանը

Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։

 Ծովը տեսաւ ու փախաւ։

Յորդանան ետ դարձաւ։

 Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին

Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։

 Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար

Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։

 Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք

Ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս։

 Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջը երեսէն,

Յակոբին Աստուծոյն երեսէն,

 Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց

Ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։

ՄԻԱԿ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՍՏՈՒԱԾԸ

115 1 Ո՛չ թէ մեզի, ո՛վ Տէր, ո՛չ թէ մեզի,

Հապա քու անուանդ փառք տուր՝

Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար։

 Ինչո՞ւ համար հեթանոսները ըսեն.

«Ո՞ւր է հիմա անոնց Աստուածը»։

 Բայց մեր Աստուածը երկինքն է.

Անիկա իր բոլոր ուզածը ըրաւ։

 Անոնց կուռքերը արծաթ ու ոսկի են

Մարդու ձեռքի գործեր են,

 Բերան ունին՝ բայց չեն խօսիր.

Աչքեր ունին՝ բայց չեն տեսներ.

 Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր.

Քիթ ունին բայց հոտ չեն առներ.

 Ձեռքեր ունին՝ բայց չեն շօշափեր.

Ոտքեր ունին՝ բայց չեն քալեր

Ու իրենց կոկորդովը ձայն չեն հաներ։

 Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները

Ու բոլոր անոնց յուսացողները։

 Ո՛վ Իսրայէլ, Տէրո՛ջը յուսա.

Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։

10 Ո՛վ Ահարոնի տուն, Տէրո՛ջը յուսացէք։

Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։

11 Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջը յուսացէք։

Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։

12 Տէրը մեզ կը յիշէ ու պիտի օրհնէ,

Իսրայէլին տունը պիտի օրհնէ,

Ահարոնին տունը պիտի օրհնէ.

13 Տէրոջմէն վախցողները պիտի օրհնէ,

Պզտիկները՝ մեծերուն հետ։

14 Տէրը ձեզի բարիք պիտի աւելցնէ,

Ձեզի ու ձեր որդիներուն։

15 Օրհնեալ էք դուք Տէրոջմէն,

Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։

16 Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է,

Բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ։

17 Մեռելները Տէրը չեն օրհներ,

Ոչ ալ անոնք, որ գերեզմանը կ’իջնեն։

18 Բայց մենք Տէրը պիտի օրհնենք

Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Ալէլուիա՜։

ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԱԶԱՏՈՒԱԾԸ ՏԷՐԸ ԿԸ ԳՈՎԷ

116 1 Ուրախ եմ ես, վասն զի Տէրը

Իմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց,

 Վասն զի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց,

Ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։

 Մահուան լարերը զիս պատեցին

Ու գերեզմանին վիշտերը զիս գտան։

Նեղութիւն ու տրտմութիւն գտայ։

 Բայց ես Տէրոջը անունը կանչեցի։

Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս։

 Ողորմած ու արդար է Տէրը

Եւ մեր Աստուածը գթած է։

 Տէրը միամիտները կը պահէ։

Ես խեղճ եղայ ու անիկա զիս ազատեց։

 Ո՛վ իմ անձս, դարձիր քու հանգստութեանդ,

Քանզի տէրը քեզի բարիք ըրաւ։

 Վասն զի դուն իմ անձս մահուանէ փրկեցիր,

Իմ աչքերս՝ արցունքի ու իմ ոտքերս՝ գայթակղելէն։

 Տէրոջը առջեւ պիտի քալեմ

Կենդանիներուն երկրին մէջ։

10 Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ։

«Ես խիստ թշուառացայ»։

11 Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի.

«Ամէն մարդ սուտ է»։

12 Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝

Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։

13 Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ

Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։

14 Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ

Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ։

15 Պատուական է Տէրոջը առջեւ

Իր սուրբերուն մահը։

16 Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, վասն զի ես քու ծառադ եմ։

Ես քու ծառադ եմ ու քու աղախինիդ՝ որդին։

Դո՛ւն իմ կապերս արձակեցիր։

17 Գոհութեան պատարագ պիտի մատուցանեմ քեզի

Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։

18 Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ

Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ,

19 Տէրոջը տանը սրահներուն մէջ,

Քու մէջդ, ո՛վ Երուսաղէմ։ Ալէլուիա՜։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

117 1 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ բոլոր ազգեր,

Գովեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ.

 Վասն զի անոր ողորմութիւնը մեր վրայ մեծ է

Ու Տէրոջը ճշմարտութիւնը յաւիտեան է։ Ալէլուիա՜։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ

118 1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է.

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Իսրայէլ թող ըսէ.

«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։

 Ահարոնին տունը թող ըսէ.

«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։

 Տէրոջմէն վախցողները թող ըսեն.

«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։

 Նեղութեան մէջ Տէրոջը կանչեցի

Եւ Տէրը պատասխան տուաւ ինծի, լայնարձակ տեղ մը հանելով։

 Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար,

Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։

 Տէրը իմ օգնականներուս հետ մէկտեղ ինծի հետ է

Ու ես թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեմ։

 Լաւ է Տէրոջը յուսալ,

Քան թէ մարդոց ապաւինիլ։

 Լաւ է Տէրոջը յուսալ,

Քան թէ իշխաններուն ապաւինիլ։

10 Բոլոր ազգերը զիս պաշարեցին.

Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։

11 Իմ բոլորտիքս առին եւ զիս պաշարեցին,

Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։

12 Մեղուներու պէս իմ բոլորտիքս առին,

Փուշերու կրակի պէս վառեցան։

Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։

13 Սաստիկ հրեցին զիս, որպէս զի վար իյնամ.

Բայց Տէրը օգնեց ինծի։

14 Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս է

Ու իմ փրկութիւնս եղաւ։

15 Արդարներուն բնակարաններուն մէջ ցնծութեան ու փրկութեան ձայն կայ։

Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։

16 Տէրոջը աջ ձեռքը բարձր է։

Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։

17 Պիտի չմեռնիմ, հապա պիտի ապրիմ,

Որ Տէրոջը գործերը պատմեմ։

18 Տէրը զիս շատ խրատեց,

Բայց մահուան չմատնեց զիս։

19 Բացէ՛ք ինծի արդարութեան դռները,

Որ անոնց մէջ մտնեմ ու Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեմ։

20 Ա՛յս է Տէրոջը դուռը,

Արդարները ասկէ պիտի մտնեն։

21 Կը գոհանամ քեզմէ, որ ինծի պատասխան տուիր

Ու ինծի փրկութիւն եղար։

22 Այն քարը, որ շինողները անարգեցին,

Անկիւնին գլուխը եղաւ։

23 Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ

Զարմանալի է ասիկա մեր աչքերուն։

24 Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց.

Ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անոր մէջ։

25 Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛.

Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր։

26 Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։

Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն։

27 Տէրը Աստուած է եւ լոյս կը ցուցնէ մեզի։

Զոհի անասունները չուաններով կապեցէք

Ու սեղանին եղջիւրներուն մօտեցուցէք։

28 Դուն ես իմ Աստուածս ու քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ։

Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ։

29 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔԸ

ԱԼԷՖ

119 1 Երանի՜ ճամբով անբիծներուն,

Որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն։

 Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն

Ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն

 Եւ անօրէնութիւն չեն ըներ,

Հապա անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։

 Դուն պատուիրեցիր, որ շատ զգուշութեամբ

Քու հրամաններդ պահենք։

 Երանի՜ թէ իմ ճամբաներս հաստատուին

Քու կանոններդ պահելով։

 Այն ատեն պիտի չամչնամ՝

Երբ քու բոլոր պատուիրանքներուդ զգուշութիւն ընեմ։

 Պիտի գովեմ քեզ ուղիղ սրտով,

Երբ քու արդար դատաստաններդ սորվիմ։

 Քու կանոններդ պիտի պահեմ.

Զիս բոլորովին մի՛ թողուր։

ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ

ՊԷԹ

 Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։

Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։

10 Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։

Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ։

11 Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ,

Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ։

12 Օրհնեալ ես դուն, ո՛վ Տէր,

Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

13 Իմ շրթունքներովս պատմեցի

Քու բերնիդ բոլոր պատուիրանքները։

14 Քու վկայութիւններուդ ճամբովը ուրախացայ,

Որպէս թէ ամէն կերպ հարստութիւնով։

15 Քու հրամաններուդ վրայով պիտի մտածեմ

Եւ քու ճամբաներդ պիտի դիտեմ։

16 Քու կանոններովդ պիտի ուրախանամ

Ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ։

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԿԻՄԷԼ

17 Բարութիւն ըրէ քու ծառայիդ,

Որպէս զի ապրիմ ու քու խօսքդ պահեմ։

18 Բաց իմ աչքերս,

Որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ։

19 Պանդուխտ եմ ես երկրի վրայ։

Մի՛ ծածկեր ինձմէ քու պատուիրանքներդ։

20 Իմ անձս կը նեղուի

Ամէն ժամանակ քու դատաստաններուդ ցանկալէն։

21 Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները,

Քու պատուիրանքներէդ մոլորածները,

22 Նախատինքը ու անարգանքը վերցուր ինձմէ,

Վասն զի քու վկայութիւններդ պահեցի։

23 Իշխաններ ալ կը նստէին ու ինծի դէմ կը խօսէին,

Բայց քու ծառադ քու կանոններուդ վրայով կը մտածէր։

24 Քու վկայութիւններդ իմ ուրախութիւնս

Ու իմ խորհրդատուներս են։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ

ՏԱԼԷԹ

25 Իմ անձս հողին կը փակչի,

Կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։

26 Իմ ճամբաներս պատմեցի ու դուն ինծի պատասխան տուիր։

Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

27 Քու հրամաններուդ ճամբան ինծի իմացուր

Եւ քու սքանչելիքներուդ վրայով պիտի մտածեմ։

28 Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի,

Հաստատէ՛ զիս քու խօսքիդ համեմատ։

29 Ստութեան ճամբան հեռացուր ինձմէ

Ու քու օրէնքդ շնորհէ ինծի։

30 Ճշմարտութեան ճամբան ընտրեցի

Եւ քու դատաստաններդ իմ առջեւս դրի։

31 Քու վկայութիւններուդ յարեցայ,

Ո՛վ Տէր, զիս մի՛ ամչցներ։

32 Քու պատուիրանքներուդ ճամբուն մէջ պիտի վազեմ,

Վասն զի դուն իմ սիրտս պիտի լայնցնես։

ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

ՀԷ

33 Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան

Ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա։

34 Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ

Ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ։

35 Առաջնորդէ՛ ինծի քու պատուիրանքներուդ շաւիղին մէջ,

Վասն զի անոր հաւնեցայ։

36 Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յօժարեցուր

Ու ո՛չ թէ ագահութեան։

37 Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն

Եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր։

38 Հաստատէ՛ քու խօսքդ

Քեզմէ վախցող ծառայիդ վրայ։

39 Ե՛տ դարձուր ինձմէ իմ նախատինքս, որմէ կը վախնամ,

Վասն զի քու դատաստաններդ բարի են։

40 Ահա ցանկացի քու հրամաններուդ.

Քու արդարութեանդ մէջ կենդանացուր զիս։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

ՎԱՎ

41 Ո՛վ Տէր, թող իմ վրաս գայ քու ողորմութիւնդ

Եւ քու փրկութիւնդ՝ քու խօսքիդ համեմատ։

42 Ես խօսքով պատասխան պիտի տամ զիս նախատողին,

Վասն զի քու խօսքիդ կը յուսամ։

43 Ճշմարտութեան խօսքը բնաւ մի՛ հեռացներ իմ բերնէս,

Վասն զի իմ յոյսս քու դատաստանիդ վրայ է։

44 Քու օրէնքդ միշտ պիտի պահեմ,

Յաւիտեանս յաւիտենից։

45 Լայնարձակ տեղի մէջ պիտի քալեմ,

Քանզի քու հրամաններդ փնտռեցի։

46 Քու վկայութիւններդ թագաւորներու առջեւ պիտի յայտնեմ

Եւ պիտի չամչնամ։

47 Պիտի ուրախանամ քու պատուիրանքներովդ՝

Որոնք սիրեցի։

48 Ձեռքերս դէպի քու պատուիրանքներդ պիտի վերցնեմ՝ որոնք սիրեցի

Ու քու կանոններուդ վրայով պիտի մտածեմ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ

ԶԱՅԻՆ

49 Յիշէ՛ քու ծառայիդ եղած խօսքը,

Որուն վրայ ինծի յուսալ տուիր։

50 Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է,

Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց։

51 Ամբարտաւանները խիստ շատ ծաղր ըրին զիս,

Բայց ես քու օրէնքէդ չխոտորեցայ։

52 Ո՛վ Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի

Ու մխիթարուեցայ։

53 Սոսկումը զիս բռնեց այն ամբարիշտներուն համար՝

Որոնք քու օրէնքդ կը թողուն։

54 Քու կանոններդ ինծի երգեր եղան

Իմ պանդխտութեանս տանը մէջ։

55 Ո՛վ Տէր, գիշերը քու անունդ յիշեցի

Ու քու օրէնքդ պահեցի։

56 Այս օրհնութիւնդ ստացայ,

Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ

ԽԷԹ

57 Դուն իմ բաժինս ես, ո՛վ Տէր.

Խոստացայ որ քու խօսքերդ պահեմ։

58 Բոլոր սրտով քու երեսդ խնդրեցի.

Ողորմէ՛ ինծի քու խօսքիդ համեմատ։

59 Իմ ճամբաներուս վրայով մտածեցի

Եւ իմ ոտքերս քու վկայութիւններուդ դարձուցի։

60 Քու պատուիրանքներդ պահելու

Արտորացի ու չուշացայ։

61 Ամբարիշտներուն խումբերը զիս պատեցին,

Բայց ես քու օրէնքդ չմոռցայ։

62 Կէս գիշերին կ’ելլեմ քեզի գոհութիւն մատուցանելու

Քու արդար դատաստաններուդ համար։

63 Ես ընկեր եղայ այն ամենուն, որոնք քեզմէ կը վախնան

Ու քու հրամաններդ կը պահեն։

64 Ո՛վ Տէր, երկիրը լեցուն է քու ողորմութիւնովդ.

Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

ԴԷԹ

65 Բարութիւն ըրիր քու ծառայիդ, ո՛վ Տէր,

Քու խօսքիդ համեմատ։

66 Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի,

Վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի։

67 Քանի որ վշտացած չէի՝ կը սխալէի,

Բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ։

68 Բարի ես դուն ու բարերար։

Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

69 Ամբարտաւանները ստութիւն հնարեցին ինծի դէմ,

Բայց ես բոլոր սրտովս քու հրամաններդ պիտի պահեմ։

70 Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ,

Բայց ես քու օրէնքովդ ուրախացայ։

71 Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ,

Որպէս զի քու կանոններդ սորվիմ։

72 Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ

Աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԵՕՏ

73 Զիս քու ձեռքերդ ըրին ու ստեղծեցին.

Իմաստուն ըրէ զիս, որպէս զի քու պատուիրանքներդ սորվիմ։

74 Քեզմէ վախցողները զիս պիտի տեսնեն եւ ուրախանան,

Վասն զի քու խօսքիդ յուսացի։

75 Գիտեմ թէ, ո՛վ Տէր, քու դատաստաններդ արդար են

Ու իրաւունքով զիս վշտացուցիր։

76 Հիմա թող ողորմութիւնդ ինծի մխիթարութիւն ըլլայ՝

Քու ծառայիդ տուած խոստումիդ համեմատ։

77 Թող քու գթութիւններդ իմ վրաս գան, որպէս զի ապրիմ,

Վասն զի քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։

78 Ամբարտաւանները պիտի ամչնան,

Վասն զի առանց պատճառի անիրաւութիւն ըրին ինծի,

Բայց ես քու հրամաններուդ վրայ պիտի մտածեմ։

79 Թո՛ղ ինծի դառնան քեզմէ վախցողները

Եւ քու վկայութիւններդ ճանչցողները։

80 Թո՛ղ իմ սիրտս կատարեալ ըլլայ քու կանոններուդ մէջ,

Որպէս զի չամչնամ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ՔԱՖ

81 Իմ անձս քու փրկութեանդ կը կարօտի

Ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ։

82 Իմ աչքերս քու խօսքիդ համար կը նուաղին,

Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մխիթարես զիս»։

83 Վասն զի ես ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս եղայ,

Բայց քու կանոններդ չմոռցայ։

84 Ո՞րչափ են քու ծառայիդ օրերը,

Զիս հալածողներուն ե՞րբ դատաստան պիտի ընես։

85 Ամբարտաւանները փոսեր փորեցին ինծի համար,

Որոնք քու օրէնքիդ համաձայն չեն։

86 Քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարիտ են։

Զուր տեղ զիս կը հալածեն, օգնէ՛ ինծի։

87 Քիչ մնաց որ զիս կորսնցնէին երկրի մէջ,

Բայց ես քու հրամաններդ չթողուցի։

88 Քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս

Եւ քու բերնիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

ԼԱՄԷՏ

89 Ո՛վ Տէր, քու խօսքդ

Յաւիտեան հաստատ է երկնքի մէջ։

90 Քու հաւատարմութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ կը մնայ։

Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ։

91 Քու հրամաններուդ պէս կը կենան մինչեւ այսօր.

Վասն զի բոլորը քու ծառաներդ են։

92 Եթէ քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս չըլլար,

Այն ատեն կորսուած պիտի ըլլայի իմ տրտմութեանս մէջ։

93 Յաւիտեան պիտի չմոռնամ քու հրամաններդ,

Քանզի անոնցմով կենդանացուցիր զիս։

94 Ես քուկդ եմ, փրկէ՛ զիս.

Վասն զի քու հրամաններդ փնտռեցի։

95 Ամբարիշտները ինծի սպասեցին որպէս զի զիս կորսնցնեն,

Բայց ես քու վկայութիւններդ միտքս պիտի բերեմ։

96 Ամէն կատարելութեան վերջը տեսայ։

Քու պատուիրանքդ շատ ընդարձակ է։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ

ՄԷՄ

97 Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։

Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։

98 Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին,

Քանզի անոնք միշտ իմ քովս են։

99 Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ,

Վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են։

100 Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ,

Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։

101 Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի,

Որպէս զի քու խօսքդ պահեմ։

102 Քու դատաստաններէդ չխոտորեցայ,

Վասն զի դո՛ւն սորվեցուցիր ինծի։

103 Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս,

Մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս։

104 Քու հրամաններովդ իմաստուն եղայ,

Անոր համար ստութեան ամէն ճամբայ ատեցի։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԷՆ՝ ԼՈՅՍ

ՆՈՒՆ

105 Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է

Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։

106 Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ,

Որպէս զի քու արդար դատաստաններդ պահեմ։

107 Շատ նեղացայ,

Ո՛վ Տէր, կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։

108 Հիմա իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր

Ու քու դատաստաններդ սորվեցո՛ւր ինծի։

109 Իմ հոգիս ամէն ժամանակ ափիս մէջ է,

Բայց քու օրէնքդ չեմ մոռնար։

110 Ամբարիշտները որոգայթ լարեցին ինծի դէմ,

Բայց ես քու հրամաններէդ չմոլորեցայ։

111 Քու վկայութիւններդ յաւիտեան ժառանգեցի,

Վասն զի անոնք իմ սրտիս ցնծութիւնն են։

112 Խոնարհեցուցի իմ սիրտս, որպէս զի քու կանոններդ կատարեմ

Յաւիտեան՝ մինչեւ վերջը։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ

ՍԱՄԷԽ

113 Երկմիտները ատեցի,

Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։

114 Իմ ապաւէնս ու ասպարս դուն ես,

Քու խօսքիդ յուսացի։

115 Ե՛տ քաշուեցէք ինձմէ, ո՛վ չարագործներ,

Վասն զի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանքները պիտի պահեմ։

116 Պահպանէ զիս քու խօսքիդ համեմատ, որպէս զի ապրիմ

Եւ զիս իմ յոյսէս մի՛ ամչցներ։

117 Զօրացո՛ւր զիս, որպէս զի ապրիմ

Ու միշտ քու կանոններուդ ուշադրութիւն ընեմ։

118 Անարգեցիր այն ամէնը, որոնք քու կանոններէդ խոտորեցան,

Քանզի անոնց խորամանկութիւնը փուճ է։

119 Դուն մետաղներու կղկղանք կը համարես երկրի բոլոր ամբարիշտները,

Անոր համար ես քու վկայութիւններդ կը սիրեմ։

120 Իմ մարմինս քու ահէդ դողաց

Ու ես քու դատաստաններէդ վախցայ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

ԱՅԻՆ

121 Իրաւունք ու արդարութիւն ըրի,

Զիս իմ նեղիչներուս մի՛ մատներ։

122 Քու ծառայիդ բարութեան համար երաշխաւոր եղիր.

Ամբարտաւանները թող չհարստահարեն զիս։

123 Իմ աչքերս նուաղեցան քու փրկութեանդ համար

Ու քու արդարութեանդ խօսքին համար։

124 Քու ծառայիդ քու ողորմութեանդ համեմատ ըրէ՛

Եւ քու կանոններդ սորվեցո՛ւր ինծի։

125 Ես քու ծառադ եմ, իմաստուն ըրէ՛ զիս,

Որպէս զի քու վկայութիւններդ ճանչնամ։

126 Տէրոջը գործելու ժամանակն է,

Վասն զի քու օրէնքդ խափանեցին։

127 Անոր համար քու պատուիրանքներդ

Ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրեցի,

128 Ուստի ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարեմ

Ու ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատեմ։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔ

ՓԷ

129 Քու վկայութիւններդ զարմանալի են,

Անոր համար իմ անձս զանոնք կը պահէ։

130 Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ

Ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ։

131 Իմ բերանս բացի ու հեւացի,

Վասն զի քու պատուիրանքներուդ ցանկացի։

132 Ինծի նայէ՛ ու ողորմէ՛ ինծի,

Ինչպէս սովորաբար կ’ընես քու անունդ սիրողներուն։

133 Իմ գնացքներս հաստատէ՛ քու խօսքիդ մէջ

Ու ոչ մէկ անօրէնութիւն թո՛ղ չտիրէ ինծի։

134 Փրկէ՛ զիս մարդոց բռնութենէն

Եւ քու հրամաններդ պիտի պահեմ։

135 Երեսդ փայլեցո՛ւր քու ծառայիդ վրայ

Ու սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

136 Ջուրերու առուներ կ’իջնեն իմ աչքերէս,

Վասն զի մարդիկ քու օրէնքդ չպահեցին։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՑԱՏԷ

137 Արդար ես դուն, ո՛վ Տէր

Եւ քու դատաստաններդ ուղիղ են։

138 Քու պատուիրած վկայութիւններդ

Արդար ու խիստ ճշմարիտ են։

139 Իմ նախանձս զիս մաշեցուց,

Վասն զի իմ թշնամիներս քու խօսքերդ մոռցան։

140 Քու խօսքդ խիստ մաքուր է,

Անոր համար քու ծառադ զանիկա կը սիրէ։

141 Ես ցած ու անարգուած եմ,

Բայց քու հրամաններդ չմոռցայ։

142 Քու արդարութիւնդ յաւիտենական արդարութիւն է

Ու քու օրէնքդ ճշմարտութիւն է։

143 Նեղութիւն ու վիշտ զիս գտան,

Բայց քու պատուիրանքներդ իմ ուրախութիւնս են։

144 Քու վկայութիւններուդ արդարութիւնը յաւիտենական է

Իմաստուն ըրէ՛ զիս ու պիտի ապրիմ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԳՕՖ

145 Բոլոր սրտով աղաղակեցի,

Ո՛վ Տէր, պատասխան տուր ինծի ու քու կանոններդ պիտի պահեմ։

146 Քեզի աղաղակեցի, փրկէ՛ զիս

Եւ քու վկայութիւններդ պիտի պահեմ։

147 Կանուխ ելայ արշալոյսին ու աղաղակեցի.

Քու խօսքիդ յուսացի։

148 Գիշերուան պահերէն առաջ բացուեցան իմ աչքերս՝

Քու խօսքերուդ վրայ մտածելու համար։

149 Իմ ձայնս լսէ՛ քու ողորմութեանդ համեմատ.

Ո՛վ Տէր, քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

150 Անօրէնութեան հետեւողները ինծի մօտեցան.

Քանզի քու օրէնքէդ հեռացան։

151 Ո՛վ Տէր, դուն մօտ ես

Ու քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարտութիւն են։

152 Սկիզբէն իմացած եմ քու վկայութիւններդ,

Որոնք յաւիտեան հաստատեցիր։

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

ՐԷՇ

153 Տե՛ս իմ խեղճութիւնս ու զիս փրկէ՛,

Վասն զի քու օրէնքդ չմոռցայ։

154 Իմ իրաւունքս պաշտպանէ ու փրկէ՛ զիս,

Քու խօսքիդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

155 Փրկութիւնը հեռու է ամբարիշտներէն,

Վասն զի քու կանոններդ չփնտռեցին։

156 Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ շատ են,

Քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

157 Շատ են իմ հալածիչներս ու թշնամիներս.

Բայց ես քու վկայութիւններէդ չխոտորեցայ։

158 Անօրէնները տեսայ ու զզուեցայ.

Վասն զի անոնք քու խօսքդ չէին պահեր։

159 Նայէ՛, քու հրամաններդ որքա՜ն կը սիրեմ.

Ո՛վ Տէր, քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։

160 Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է

Ու քու բոլոր արդար դատաստաններդ յաւիտենական են։

ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԸՆԾԱՅՈՒՄ

ՇԻՆ

161 Իշխանները զուր տեղ զիս հալածեցին,

Բայց իմ սիրտս քու խօսքէդ վախցաւ։

162 Ես կը ցնծամ քու խօսքերովդ,

Շատ աւար գտնողի պէս։

163 Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի,

Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։

164 Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ

Քու արդար դատաստաններուդ համար։

165 Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ

Ու անոնց գայթակղութիւն չկայ։

166 Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի

Եւ քու պատուիրանքներդ կատարեցի։

167 Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց

Ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ։

168 Քու հրամաններդ եւ քու վկայութիւններդ պահեցի,

Վասն զի իմ բոլոր ճամբաներս քու առջեւդ են։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԹԱՎ

169 Ո՛վ Տէր, թո՛ղ իմ աղաղակս քու առջեւդ մօտենայ

Քու խօսքիդ համեմատ իմաստուն ըրէ զիս։

170 Թո՛ղ իմ աղաչանքս քու առջեւդ ելլէ.

Քու խօսքիդ համեմատ փրկէ՛ զիս։

171 Իմ շրթունքներէս օրհնութիւն պիտի բղխի,

Վասն զի քու կանոններդ սորվեցուցիր ինծի։

172 Իմ լեզուս քու խօսքդ պիտի պատմէ,

Վասն զի քու բոլոր պատուիրանքներդ արդար են։

173 Թող քու ձեռքդ ինծի օգնական ըլլայ,

Վասն զի քու հրամաններդ ընտրեցի։

174 Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ ցանկացի

Ու քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։

175 Թող իմ անձս ապրի ու քեզ օրհնէ

Եւ քու դատաստաններդ օգնեն ինծի։

176 Կորսուած ոչխարի պէս մոլորեցայ.

Փնտռէ՛ քու ծառադ, վասն զի քու պատուիրանքներդ չմոռցայ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Աստիճաններուն երգը

120 1 Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի

Ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ։

 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէն

Ու նենգաւոր լեզուէն։

 Ո՛վ նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուի

Եւ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի.

 Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը

Ու գիհիին կայծերը։

 Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայ

Եւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ։

 Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ

Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ։

 Ես խաղաղասէր էի.

Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին։

ՏԷՐԸ ՄԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆԸ

Աստիճաններուն երգը

121 1 Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ,

Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։

 Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է,

Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց։

 Անիկա քու ոտքդ պիտի չդողացնէ

Ու քու Պահապանդ պիտի չքնանայ։

 Ահա Իսրայէլի Պահապանը

Պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ։

 Տէրը քու պահապանդ է.

Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։

 Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ,

Ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։

 Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ,

Քու անձդ պիտի պահպանէ։

 Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ

Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՓԱՌՔԸ

Դաւիթին աստիճաններուն երգը

122 1 Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին.

«Տէրոջը տունը երթանք»։

 Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան,

Ո՛վ Երուսաղէմ։

 Երուսաղէմ այնպիսի քաղաքի մը պէս շինուած է,

Որ ինքնիրեն ամրօրէն միացած է։

 Ցեղերը, Տէրոջը ցեղերը հոն կ’ելնեն

Իսրայէլի պատուիրածին պէս,

Տէրոջը անուանը գոհութիւն մատուցանելու համար։

 Վասն զի հոն դրուած են դատաստանի աթոռները,

Դաւիթի տանը աթոռները։

 Երուսաղէմին համար խաղաղութիւն խնդրեցէք։

Թո՛ղ յաջողին անոնք, որ քեզ կը սիրեն։

 Խաղաղութիւն թո՛ղ ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ

Ու յաջողութիւն՝ քու պալատներուդ մէջ։

 Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար

Հիմա պիտի ըսեմ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ»։

 Մեր Տէր Աստուծոյն տանը համար

Քեզի բարութիւն պիտի ուզեմ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Աստիճաններուն երգը

123 1 Քեզի կը բարձրացնեմ իմ աչքերս,

Ով երկնքի մէջ Բնակող։

 Ահա ինչպէս ծառաներուն աչքերը իրենց տիրոջը ձեռքին կը նային

Ու ինչպէս աղախինին աչքերը՝ իր տիկնոջ ձեռքին,

Այնպէս ալ մեր աչքերը Տէրոջը՝ մեր Աստուծոյն՝ պիտի նային,

Մինչեւ մեզի ողորմի։

 Ողորմէ՛ մեզի, ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ մեզի,

Վասն զի խիստ լեցուեցանք անարգանքով։

 Խիստ լեցուած է մեր անձը հանգիստ վայելողներուն նախատինքովը

Ու ամբարտաւաններուն անարգանքովը։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆ

Դաւիթին աստիճաններուն երգը

124 1 Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար

Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ՝

 Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար,

Երբ մարդիկ մեր վրայ ելան,

 Այն ատեն ողջ ողջ պիտի կլլէին մեզ,

Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր։

 Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին,

Հեղեղը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէր.

 Այն ատեն փրփրած ջուրերը

Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին։

 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը,

Որ մեզ անոնց ակռաներուն որս չտուաւ։

 Մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն ազատեցան.

Որոգայթը կոտրուեցաւ ու մենք ազատեցանք։

 Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է,

Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ

Աստիճաններուն երգը

125 1 Տէրոջը յուսացողները Սիօն լերանը պէս են,

Որ չի սասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ։

 Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է,

Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է

Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

 Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ,

Որպէս զի արդարները ձեռքերնին անօրէնութեան չերկնցնեն։

 Ո՛վ Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն

Ու սրտով ուղիղներուն։

 Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին,

Տէրը պիտի կորսնցնէ անօրէնութիւն ընողներուն հետ։

Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Աստիճաններուն երգը

126 1 Երբ Տէրը Սիօնին գերութիւնը դարձուց,

Երազ տեսնողներու պէս եղանք։

 Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւ

Ու մեր լեզուն՝ ցնծութիւնով։

Այն ժամանակ հեթանոսներուն մէջ ըսին.

«Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ»։

 Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ

Ու մենք ուրախացանք։

 Ո՛վ Տէր, դարձուր մեր գերութիւնը

Հարաւի առուներուն պէս։

 Անոնք որ արցունքով կը ցանեն,

Ցնծութիւնով պիտի հնձեն։

 Ան որ լալով կ’երթայ,

Ցանելու սերմը տանելով,

Անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ,

Իր ցորենի խուրձերը բերելով։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌՔԸ

Սողոմոնին աստիճաններուն երգը

127 1 Եթէ Տէրը չշինէ տունը,

Զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները։

Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը,

Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները։

 Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելլելը եւ ուշ հանգչիլը

Ու ցաւով հաց ուտելը։

Արդարեւ անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ։

 Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են.

Որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է։

 Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ,

Այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը։

 Երանի՜ այն մարդուն,

Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուց։

Երբ դրանը մէջ թշնամիներուն հետ խօսելու ըլլան,

Պիտի չամչնան։

ՏԷՐՈՋԸ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աստիճաններուն երգը

128 1 Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան

Ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։

 Վասն զի քու ձեռքիդ աշխատութիւնը պիտի ուտես.

Երանի՜ է քեզի ու քեզի լաւ պիտի ըլլայ։

 Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ

Քու տունէդ ներս

Ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան

Քու սեղանիդ չորս կողմը։

 Ահա Տէրոջմէն վախցող մարդը

Այսպէ՛ս պիտի օրհնուի։

 Տէրը քեզ Սիօնէն օրհնէ

Ու Երուսաղէմին բարութիւնը տեսնես

Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ

 Եւ քու որդիներուդ որդիները տեսնես։

Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Աստիճաններուն երգը

129 1 Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ.

«Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին։

 Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին,

Բայց ինծի չյաղթեցին։

 Հերկողները իմ կռնակիս վրայ հերկեցին

Ու իրենց ակօսները երկնցուցին»։

 Տէրը արդար է.

Անիկա ամբարիշտներուն չուանները կտրտեց։

 Բոլոր Սիօնը ատողները

Պիտի ամչնան ու ետ դառնան.

 Տանիքին վրայի խոտին պէս պիտի ըլլան,

Որ դեռ չփրցուած կը չորնայ։

 Հնձողը չի կրնար իր ձեռքը լեցնել անոր,

Ոչ ալ խուրձ կապողը՝ իր գոգը։

 Անցնողները չեն ըսեր.

«Տէրոջը օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ

Ու ձեզ Տէրոջը անունովը կ’օրհնենք»։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Աստիճաններուն երգը

130 1 Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։

 Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։

Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին։

 Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս,

Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։

 Բայց քու քովդ է թողութիւնը,

Որպէս զի քեզմէ վախնան։

 Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ

Ու անոր խօսքին կը յուսամ։

 Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի

Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ։

 Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ,

Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ

Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ։

 Անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը

Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ

Դաւիթին աստիճաններուն երգը

131 1 Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ

Եւ իմ աչքերս չբարձրացան։

Ես մեծամեծ բաներու մէջ

Եւ ինձմէ բարձր բաներու մէջ չքալեցի։

 Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի

Իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս,

Իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է։

 Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ

Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

Աստիճաններուն երգը

132 1 Դաւիթին սիրոյն, ո՛վ Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը եւ անոր բոլոր նեղութիւնները,

 Որ երդում ըրաւ Տէրոջը

Եւ ուխտ դրաւ Յակոբին Զօրաւորին,

 Ըսելով. «Իմ տանս բնակարանը պիտի չմտնեմ

Ու իմ փռած անկողինիս վրայ պիտի չելլեմ։

 Իմ աչքերուս՝ քուն

Եւ արտեւանունքներուս նիրհում պիտի չտամ,

 Մինչեւ Տէրոջը համար տեղ մը գտնեմ

Յակոբին՝ Զօրաւորին համար՝ բնակարան»։

 Ահա անոր վրայով լսեցինք Եփրաթայի մէջ

Եւ զանիկա գտանք անտառի դաշտերուն մէջ։

 «Մտնենք անոր բնակարանները

Ու երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով»։

 Քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, ո՛վ Տէր,

Դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը։

 Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին

Եւ քու սուրբերդ ցնծան։

10 Քու Դաւիթ ծառայիդ սիրոյն

Անդին մի՛ դարձներ քու օծեալիդ երեսը։

11 Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթին ճշմարտութեամբ

Ու ետ չի դառնար անկէ.

«Քու որովայնիդ պտուղէն մէկը

Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ։

12 Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս

Որոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ,

Այն ատեն անոնց որդիներն ալ

Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան»։

13 Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեց

Եւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց,

14 Ըսելով. «Այս է իմ յաւիտենական հանգստավայրս։

Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի։

15 Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմ

Ու անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ

16 Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ

Ու անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան։

17 Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ

Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։

18 Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ,

Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ

Դաւիթին աստիճաններուն երգը

133 1 Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է

Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։

 Այն ազնիւ իւղին պէս է,

Որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ,

Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց

Ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։

 Սիօնի լեռներուն վրայ իջած

Հերմոնի շաղին պէս է,

Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը

Ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՓԱՌԱՒՈՐԵԼՈՒ ԿՈՉ ՄԸ

Աստիճաններուն երգը

134 1 Աղէ՜, օրհնեցէ՛ք Տէրը, ով Տէրոջ բոլոր ծառաներ,

Որ Տէրոջ տունը կը կենաք գիշերները։

 Սուրբ տեղը ձեռքերնիդ վերցուցէ՛ք

Ու օրհնեցէ՛ք Տէրը։

 Երկինքը ու երկիրը ստեղծող Տէրը

Թող օրհնէ քեզ Սիօնէն։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

135 1 Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,

Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ,

 Որ Տէրոջը տունը կը կենաք,

Մեր Աստուծոյն տանը սրահներուն մէջ։

 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, վասն զի Տէրը բարի է.

Սաղմո՛ս ըսէք անոր անուանը, վասն զի քաղցր է։

 Վասն զի Տէրը իրեն համար ընտրեց Յակոբը

Ու Իսրայէլը՝ իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլալու։

 Վասն զի ես իմացայ, թէ Եհովան մեծ է

Ու մեր Տէրը՝ բոլոր աստուածներէն։

 Տէրը ամէն ինչ որ ուզեց ըրաւ երկնքի ու երկրի մէջ,

Ծովերուն ու բոլոր անդունդներուն մէջ։

 Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ,

Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ

Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։

 Անիկա Եգիպտոսի անդրանիկները զարկաւ

Մարդէն մինչեւ անասուն։

 Նշաններ ու հրաշքներ ղրկեց քու մէջդ, ո՛վ Եգիպտոս,

Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն վրայ։

10 Շատ ազգեր զարկաւ

Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննեց։

11 Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը,

Բասանի Ովգ թագաւորը

Եւ Քանանի բոլոր թագաւորութիւնները

12 Ու անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուաւ,

Իր Իսրայէլ ժողովուրդին ժառանգութիւն։

13 Ո՛վ Տէր, քու անունդ մինչեւ յաւիտեան պիտի մնայ.

Ո՛վ Տէր, քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։

14 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը դատէ

Եւ իր ծառաներուն կ’ողորմի։

15 Հեթանոսներուն կուռքերը արծաթ ու ոսկի են,

Մարդու ձեռքի գործեր են։

16 Բերան ունին, բայց չեն խօսիր.

Աչքեր ունին, բայց չեն տեսներ.

17 Ականջներ ունին, բայց չեն լսեր

Ու շունչ չկայ անոնց բերնին մէջ։

18 Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները

Ու բոլոր անոնց յուսացողները։

19 Ո՛վ Իսրայէլի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը.

Ո՛վ Ահարոնի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը.

20 Ո՛վ Ղեւիի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը.

Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, օրհնեցէ՛ք Տէրը։

21 Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը Սիօնէն,

Որ Երուսաղէմի մէջ կը բնակի։ Ալէլուիա՜։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

136 1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է.

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Գոհացէ՛ք աստուածներուն Աստուծմէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Գոհացէ՛ք տէրերուն Տէրոջմէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Մինակ մեծ հրաշքներ ընողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է,

 Երկինքը իմաստութեամբ ստեղծողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Երկիրը ջուրերուն վրայ տարածողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Մեծամեծ լուսաւորներ ստեղծողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Արեգակը՝ որպէս զի ցորեկին իշխէ,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 Լուսինը ու աստղերը՝ որպէս զի գիշերին իշխեն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

10 Եգիպտացիներու անդրանիկները զարնողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

11 Ու Իսրայէլը անոնց մէջէն հանողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

12 Հզօր ձեռքով ու տարածուած բազուկով,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

13 Կարմիր ծովը երկուքի բաժնողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

14 Ու Իսրայէլը անոր մէջէն անցնողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

15 Եւ Փարաւոնը ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

16 Իր ժողովուրդը անապատին մէջ պտըտցնողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

17 Մեծ թագաւորներ զարնողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

18 Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

19 Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

20 Ու Բասանի Ովգ թագաւորը,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

21 Եւ անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

22 Իր Իսրայէլ ծառային՝ ժառանգութիւն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

23 Մեր խոնարհութեանը մէջ մեզ յիշողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

24 Ու մեր թշնամիներէն մեզ փրկողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

25 Բոլոր մարմիններուն հաց տուողէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

26 Գոհացէ՛ք երկնքի Աստուծմէն,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՂԲԸ ԱՔՍՈՐԻ ՄԷՋ

137 1 Բաբելոնի գետերուն քով՝

Հո՛ն կը նստէինք

Ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։

 Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ

Կախեցինք մեր քնարները.

 Վասն զի մեզ գերի ընողները

Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին

Ու մեր կողոպտիչները ուրախութիւն,

Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։

 Տէրոջը երգը ի՜նչպէս երգենք

Օտար երկրի մէջ։

 Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ,

Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ.

 Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի,

Եթէ քեզ չյիշեմ

Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս

Աւելի մեծ չհամարեմ։

 Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները

Երուսաղէմի օրուանը մէջ,

Որոնք կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք

Մինչեւ անոր հիմը»։

 Ո՛վ Բաբելոնի աւերող աղջիկ,

Երանի՜ անոր՝ որ քեզի կը հատուցանէ

Մեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը։

 Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէ

Ու քարի կը զարնէ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

138 1 Քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ իմ բոլոր սրտովս

Աստուածներուն առջեւ քեզի սաղմոս պիտի երգեմ։

 Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպի քու սուրբ տաճարդ

Եւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմ

Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար,

Վասն զի քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ։

 Կանչած օրս պատասխան տուիր ինծի,

Իմ անձիս մէջ զօրութիւնով զիս ուժովցուցիր։

 Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն,

Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն։

 Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն.

Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է։

 Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ

Ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ։

 Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ,

Դուն զիս պիտի կենդանացնես,

Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ

Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես

Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։

 Տէրը պիտի գործէ ինծի համար։

Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ յաւիտենական է։

Քու ձեռքիդ գործերը երեսէ մի՛ ձգեր։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

139 1 Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։

 Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս,

Իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։

 Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես

Ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։

 Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ,

Ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես։

 Իմ ետեւէս ու առջեւէս զիս պաշարեցիր

Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր։

 Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է,

Բարձր է ու չեմ կրնար հասկնալ զանիկա։

 Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ

Եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ։

 Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես.

Եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես.

 Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ

Եւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ,

10 Հո՛ն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէ

Ու քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։

11 Եթէ ըսեմ. «Իրաւցնէ խաւարը զիս պիտի ծածկէ,

Այն ատեն գիշերն ալ լոյս կ’ըլլայ իմ բոլորտիքս»։

12 Մութն ալ քեզի խաւար չէ,

Հապա գիշերը ցորեկի պէս լուսաւոր կ’ըլլայ։

Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են քու առջեւդ։

13 Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս

Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։

14 Կը գոհանամ քեզմէ,

Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։

Քու գործերդ զարմանալի են

Ու իմ անձս աղէկ գիտէ։

15 Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ,

Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ,

Երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ։

16 Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան

Ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին,

Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին,

Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։

17 Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։

Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։

18 Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են։

Երբ արթննամ՝ դեռ քեզի հետ եմ։

19 Իրաւցնէ ամբարիշտը պիտի սպաննես, ո՛վ Աստուած.

Ուրեմն ո՛վ արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէ՛ք ինձմէ։

20 Անոնք քեզի դէմ նենգութեամբ կը խօսին

Եւ քու թշնամիներդ քու անունդ պարապ տեղ կ’առնեն։

21 Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր

Ու քեզի դէմ ելլողներէն չե՞մ զզուիր։

22 Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ

Եւ ինծի թշնամի կը համարեմ։

23 Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս.

Զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս

24 Եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ

Եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

140 1 Ո՛վ Տէր, չար մարդէն զիս փրկէ՛

Ու բռնաւոր մարդէն զիս պահէ՛,

 Որոնք սրտերնուն մէջ չար բաներ կը մտածեն

Ու ամէն օր կռիւներու համար կը հաւաքուին։

 Իրենց լեզուները օձի պէս սրեցին։

Իժի թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ։ (Սէլա։)

 Ո՛վ Տէր, զիս ամբարշտին ձեռքէն պահէ՛.

Զիս բռնաւոր մարդէն պահպանէ՛,

Որոնք իմ գնացքներս խափանելու խորհուրդ ըրին։

 Ամբարտաւանները ինծի համար գաղտնի որոգայթ ու չուաններ լարեցին,

Ուռկան փռեցին իմ ճամբուս վրայ,

Վարմեր դրին ինծի համար։ (Սէլա։)

 Ըսի Տէրոջը. «Դուն ես իմ Աստուածս»։

Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղաչանքիս ձայնը։

 Ով Տէր Եհովա, իմ փրկութեանս զօրութիւնը,

Դուն իմ գլխուս հովանի եղար պատերազմին օրը։

 Ո՛վ Տէր, ամբարշտին ցանկութիւնները մի՛ գոհացներ,

Անոր չար խորհուրդը մի՛ յաջողցներ,

Որ չըլլայ թէ բարձրանան։ (Սէլա։)

 Զիս պաշարողները բարձրացուցին իրենց գլուխները եւ

Իրենց շրթունքներուն չարախօսութիւնը թող զիրենք ընկճէ։

10 Վառած ածուխներ թող իյնան անոնց վրայ.

Խորունկ ջուրերու մէջ թող ձգէ, որպէս զի բնաւ վեր չելլեն։

11 Չարախօս մարդը երկրի վրայ պիտի չհաստատուի.

Թշուառութիւնը պիտի որսայ բռնաւոր մարդը,

Որպէս զի զանիկա կործանէ։

12 Գիտեմ թէ Տէրը խեղճին դատաստանը պիտի տեսնէ

Ու իրաւունք պիտի ընէ աղքատներուն։

13 Յիրաւի արդարները քու անունդ պիտի գովեն.

Ուղիղները քու առջեւդ պիտի բնակին։

ԻՐԻԿՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ

Սաղմոս Դաւիթի

141 1 Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ, շուտով հասիր ինծի.

Ակա՛նջ դիր իմ ձայնիս, երբ քեզի կը կանչեմ։

 Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ

Եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս։

 Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս

Ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ։

 Մի՛ թողուր որ սիրտս չար բանի ետեւէ խոտորի,

Որպէս զի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ գէշ գործեր չընեմ

Ու անոնց համադամ կերակուրներէն չուտեմ։

 Արդարը թող զիս խրատէ եւ զարնէ ողորմութեամբ,

Բայց անօրէնին իւղը թող չօծէ գլուխս,

Վասն զի անդադար անոնց չարութիւններուն դէմ պիտի աղօթեմ։

 Երբ անոնց դատաւորները ապառաժներու մէջ ձգուին,

Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, վասն զի քաղցր են։

 Ինչպէս հերկողը ու ճեղքողը կը ցրուէ երկրի վրայ,

Այնպէս անոնց ոսկորները գերեզմանին բերանը ցիրուցան եղան.

 Սակայն, ո՛վ Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպի քեզ են.

Քեզի՛ յուսացի, իմ հոգիս անպաշտպան մի՛ ձգեր։

 Ինծի համար լարուած որոգայթէն

Ու անօրէնութիւն գործողներուն վարմերէն զիս պահէ։

10 Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան,

Մինչ միայն ես անվնաս պիտի անցնիմ։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Դաւիթին երգն ու աղօթքը՝ երբ ինք այրին մէջ էր

142 1 Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ,

Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։

 Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ.

Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։

 Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր,

Դուն իմ շաւիղս գիտցար։

Իմ քալած ճամբուս մէջ

Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։

 Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ

Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։

Ապաւէնը ինձմէ կորսուեցաւ.

Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։

 Ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի

Ու ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս

Եւ իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ։

 Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս,

Վասն զի շատ նուաստացայ։

Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս,

Վասն զի ինձմէ զօրաւոր են։

 Իմ անձս բանտէն հանէ՛,

Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։

Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն,

Երբ ինծի բարութիւն ընես»։

ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

143 1 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս,

Ակա՛նջ դիր իմ աղաչանքիս,

Պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ

Ու քու արդարութիւնովդ։

 Քու ծառայիդ հետ դատաստանի մի՛ մտներ,

Վասն զի բնաւ կենդանի մը պիտի չարդարանայ քու առջեւդ։

 Վասն զի թշնամին իմ անձս հալածեց

Իմ կեանքս գետինը զարկաւ,

Զիս շատոնց մեռածներուն պէս

Մութը նստեցուց։

 Իմ հոգիս ներսիդիս մարեցաւ,

Իմ սիրտս ներսիդիս խռովեցաւ։

 Նախկին օրերը կը յիշեմ,

Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ,

Քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ։

 Ձեռքերս դէպի քեզ կ’երկնցնեմ։

Իմ անձս չոր երկրի պէս քեզի կը ծարաւի։ (Սէլա։)

 Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր.

Իմ հոգիս մարեցաւ.

Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինձմէ,

Որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ։

 Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր,

Վասն զի քեզի յուսացի։

Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր,

Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։

 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ զիս իմ թշնամիներէս,

Վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի։

10 Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ,

Քանզի դուն ես իմ Աստուածս.

Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։

11 Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար կենդանացո՛ւր զիս,

Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ՛.

12 Քու ողորմութիւնովդ սատկեցուր իմ թշնամիներս

Ու կորսնցուր բոլոր իմ անձս վշտացնողները,

Վասն զի ես քու ծառադ եմ։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ

Սաղմոս Դաւիթի

144 1 Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, իմ Վէմս,

Որ իմ ձեռքերս մարտնչելու կը վարժեցնէ

Ու իմ մատներս՝ պատերազմելու։

 Անիկա է իմ ողորմութիւնս ու պարիսպս,

Իմ ապաւէնս ու փրկիչս,

Իմ վահանս, ուստի ես անոր կը յուսամ,

Որ իմ ժողովուրդս ինծի կը հնազանդեցնէ։

 Ո՛վ Տէր, մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը ճանչնաս

Ու մարդու որդին, որ զանիկա կը յարգես։

 Մարդը ունայնութեան պէս է

Անոր օրերը անցնող շուքի պէս են։

 Ո՛վ Տէր, խոնարհեցո՛ւր քու երկինքդ ու վա՛ր իջիր,

Լեռներուն դպչէ ու պիտի մխան։

 Փայլակը նետէ ու ցրուէ զանոնք,

Քու նետերդ ղրկէ ու զանոնք խռովեցուր։

 Քու ձեռքդ վերէն ղրկէ եւ ազատէ՛ զիս.

Փրկէ՛ զիս շատ ջուրերէն ու օտարներուն ձեռքէն,

 Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի

Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։

 Ո՛վ Աստուած, քեզի նոր երգ պիտի երգեմ,

Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս պիտի ըսեմ քեզի։

10 Թագաւորներուն փրկութիւն տուողը

Ու իր Դաւիթ ծառան չար սուրէն ազատողը ա՛ն է։

11 Զիս ազատէ ու օտարներուն ձեռքէն փրկէ՛,

Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի

Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։

12 Որպէս զի մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս մեծնան

Ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս ըլլան։

13 Որպէս զի մեր ամբարները լեցուին

Եւ տեսակ տեսակ կերակուրներ բղխեցնեն

Ու մեր ոչխարները հազարաւոր եւ բիւրաւոր ծնանին մեր արտերուն մէջ։

14 Որպէս զի մեր արջառները բազմածին ըլլան

Ու ամենեւին դժբաղդութեան եւ աւերումի վիժում չըլլայ,

Ոչ ալ աղաղակ՝ մեր հրապարակներուն մէջ։

15 Երանի՜ այսպիսի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին.

Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

Օրհնութիւն Դաւիթի

145 1 Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ թագաւոր ես

Ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։

 Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ

Եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։

 Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը

Ու անոր մեծութիւնը անքննելի է։

 Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ

Եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։

 Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը

Ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։

 Եւ քու ահաւոր գործերուդ վրայ պիտի խօսին

Ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ։

 Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն

Եւ քու Արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։

 Ողորմած ու գթած է Տէրը,

Երկայնամիտ ու բազումողորմ է։

 Տէրը ամենուն բարի է

Ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են։

10 Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն

Եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։

11 Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն

Ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն.

12 Որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը

Մարդոց որդիներուն գիտցնեն։

13 Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է

Ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։

14 Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները

Եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ։

15 Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն

Ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։

16 Քու ձեռքդ կը բանաս

Ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։

17 Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ

Ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։

18 Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն,

Այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։

19 Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ

Եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։

20 Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ,

Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ։

21 Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէ

Ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։

ՓՐԿԻՉ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ

146 1 Ալէլուիա՜։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։

 Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։

Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։

 Մի՛ յուսաք իշխաններուն,

Մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։

 Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։

Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։

 Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է

Ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է,

 Որ երկինքը ու երկիրը,

Ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց։

Ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան,

 Իրաւունք կ’ընէ զրկուածներուն

Ու հաց կու տայ անօթիներուն։

Տէրը կ’արձակէ կապուածները,

 Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը,

Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները,

Տէրը կը սիրէ արդարները,

 Տէրը կը պահէ պանդուխտները,

Կը հաստատէ որբն ու որբեւայրին,

Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ։

10 Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան,

Քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն, ազգէ մինչեւ ազգ։ Ալէլուիա՜։

ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ

147 1 Գովեցէք Տէրը, վասն զի բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը,

Վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը։

 Տէրը կը շինէ Երուսաղէմը,

Իսրայէլի ցրուածները կը հաւաքէ,

 Սրտով կոտրածները կը բժշկէ

Ու անոնց խոցերը կը փաթթէ։

 Աստղերուն թիւը կը համրէ,

Անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ։

 Մեծ է մեր Տէրը ու իր զօրութիւնը շատ է.

Անոր իմաստութիւնը անհուն է։

 Տէրը կը հաստատէ խեղճերը

Ու ամբարիշտները մինչեւ հողը կը խոնարհեցնէ։

 Երգեցէ՛ք Տէրոջը գոհութիւնով,

Մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսէք քնարով,

 Որ երկինքը ամպերով կը ծածկէ,

Անձրեւ կը պատրաստէ երկրի համար,

Խոտ կը բուսցնէ լեռներուն վրայ,

 Որ անասուններուն իրենց կերակուրը կու տայ

Ու ագռաւին ձագերուն՝ որոնք կ’աղաղակեն։

10 Անիկա ձիուն զօրութեանը չի հաճիր,

Մարդուն սրունքները չի հաւնիր։

11 Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողները

Ու իր ողորմութեանը յուսացողները։

12 Ո՛վ Երուսաղէմ, գովէ՛ Տէրը.

Օրհնէ՛ քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն։

13 Վասն զի անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց

Եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։

14 Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ

Ու պարարտ ցորենով քեզ կը կշտացնէ։

15 Անիկա իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ.

Իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ։

16 Անիկա բուրդի պէս ձիւն կու տայ

Ու եղեամը մոխիրի պէս կը ցանէ։

17 Իր սառը պատառներու պէս կը նետէ.

Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ։

18 Անիկա իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք։

Իր հովը կը փչէ ու ջուրեր կը վազեն։

19 Անիկա իր խօսքը կը պատմէ Յակոբին

Եւ իր կանոնները ու դատաստանները՝ Իսրայէլին։

20 Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ,

Բայց անոնք անոր դատաստանները չճանչցան։ Ալէլուիա՜։

ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԿՈՉ ՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾ ՓԱՌԱՒՈՐԵԼՈՒ

148 1 Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն.

Օրհնեցէ՛ք զանիկա բարձր տեղերուն մէջ։

 Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր հրեշտակներ,

Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր։

 Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ արեգակ ու լուսին.

Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր փայլուն աստղեր։

 Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ երկինք.

Ու երկնքէն վեր եղող ջուրերը

 Թող Տէրոջը անունը օրհնեն.

Վասն զի ինք հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան։

 Զանոնք յաւիտեանս յաւիտենից հաստատեց,

Կանոն դրաւ որը չի խափանուիր։

 Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն,

Ո՛վ վիշապներ ու բոլոր անդունդներ։

 Կրակ եւ կարկուտ, ձիւն ու շոգի

Եւ անոր խօսքը կատարող մրրկալից հով,

 Լեռներ ու բոլոր բլուրներ,

Պտղատու ծառեր ու եղեւիններ,

10 Գազաններ ու բոլոր անասուններ,

Սողացողներ ու թեւաւոր թռչուններ,

11 Երկրի թագաւորներ եւ բոլոր ազգեր,

Իշխաններ ու երկրի բոլոր դատաւորներ,

12 Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ,

Ծերեր ու տղաքներ։

13 Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն,

Վասն զի միայն անոր անունը բարձր է,

Անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է։

14 Անիկա բարձրացուց իր ժողովուրդին եղջիւրը,

Իր բոլոր սուրբերուն,

Իրեն մօտ եղող ժողովուրդին,

Իսրայէլի որդիներուն օրհնութիւնը։ Ալէլուիա՜։

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

149 1 Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք

Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։

 Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ.

Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ։

 Թող անոր անունը պարով օրհնեն,

Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։

 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի,

Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։

 Թող սուրբերը ուրախանան փառքով

Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։

 Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան

Ու երկսայրի սուր՝ անոնց ձեռքին մէջ,

 Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն

Ու ժողովուրդները պատժեն,

 Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն

Ու անոնց ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով,

 Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն։

Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է։ Ալէլուիա՜։

ՓԱՌՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

150 1 Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Աստուած իր սրբարանին մէջ.

Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրութեանը հաստատութեանը մէջ։

 Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրաւոր գործերուն համար,

Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր մեծափառութեանը համեմատ։

 Օրհնեցէ՛ք զանիկա փողի ձայնով,

Օրհնեցէ՛ք զանիկա տաւիղով ու քնարով։

 Օրհնեցէ՛ք զանիկա թմբուկով ու պարով,

Օրհնեցէ՛ք զանիկա լար ունեցող նուագարաններով ու սրինգով։

 Օրհնեցէ՛ք զանիկա մեծաձայն ծնծղաներով,

Օրհնեցէ՛ք զանիկա ցնծութեան ծնծղաներով։

 Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜։