ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

1 1 Որովհետեւ շատերը մեր մէջ հաստատ գիտցուած բաներուն վրայով եղած պատմութիւնը կարգի դնելու ձեռք զարկին, Ինչպէս սկիզբէն աչքով տեսնողները եւ խօսքին սպասաւոր եղողները աւանդեցին մեզի, Ես ալ որ սկիզբէն այն ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկացեր էի, յարմար դատեցի կարգաւ գրել քեզի, ո՛վ պատուական Թէոփիլոս, Որպէս զի սորված բաներուդ ստուգութիւնը իմանաս։

ԱՒԵՏՈՒՄՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ԾՆՈՒՆԴԻՆ

Հրէաստանի Հերովդէս թագաւորին օրերը Աբիայի դասակարգութենէն Զաքարիա անունով քահանայ մը կար, որուն կինը Ահարոնին աղջիկներէն էր եւ անունը՝ Եղիսաբէթ։ Երկուքն ալ Աստուծոյ առջեւ արդար էին եւ Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներուն ու իրաւունքներուն մէջ անարատութեամբ կը քալէին։ Զաւակ չունէին, վասն զի Եղիսաբէթ ամուլ էր ու երկուքն ալ օրերնին անցուցած էին։

Երբ Զաքարիա իր դասակարգութեան օրերը հասնելուն քահանայական պաշտօնը կը կատարէր Աստուծոյ առջեւ, Քահանայութեան սովորութեանը պէս իրեն ինկաւ որ Տէրոջը տաճարը մտնէ եւ խնկարկութիւն ընէ։ 10 Ժողովուրդին բոլոր բազմութիւնը դուրսը աղօթքի կայներ էին խունկին ատենը։ 11 Տէրոջը հրեշտակը անոր երեւցաւ ու կայնեցաւ խունկի սեղանին աջ կողմը։ 12 Զաքարիա երբ տեսաւ, շփոթեցաւ ու անոր վրայ վախ մը ինկաւ։ 13 Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, Զա՛քարիա, վասն զի քու աղօթքդ լսուեցաւ։ Քու կինդ Եղիսաբէթ քեզի որդի մը պիտի ծնանի ու անոր անունը Յովհաննէս պիտի դնես։ 14 Քեզի ուրախութիւն ու ցնծութիւն պիտի ըլլայ եւ շատեր անոր ծնանելուն համար պիտի ուրախանան։ 15 Վասն զի Տէրոջը առջեւ մեծ պիտի ըլլայ։ Բայց գինի եւ օղի պիտի չխմէ եւ իր մօրը որովայնէն Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի. 16 Իսրայէլի որդիներէն շատերը իրենց Տէր Աստուծոյն պիտի դարձնէ։ 17 Ինք անոր առջեւէն պիտի գայ Եղիային հոգիովը ու զօրութիւնովը, հայրերուն սրտերը որդիներուն վրայ դարձնելու եւ անհնազանդները՝ արդարներուն իմաստութեանը, որպէս զի Տէրոջը բարեկարգ ժողովուրդ մը պատրաստէ»։ 18 Զաքարիա ըսաւ հրեշտակին. «Ինչո՞վ գիտնամ այդ բանը, որովհետեւ ես ծեր եմ ու իմ կինս իր օրերը անցուցած է»։ 19 Հրեշտակը պատասխան տալով ըսաւ անոր. «Ես եմ Գաբրիէլը, որ Աստուծոյ առջեւ կը կայնիմ ու ղրկուեցայ քեզի խօսելու եւ այս բաներուն աւետիսը քեզի տալու։ 20 Ահա համր պիտի ըլլաս դուն ու պիտի չկրնաս խօսիլ մինչեւ այն օրը՝ երբ այս բաները ըլլան, քանզի չհաւատացիր իմ խօսքերուս, որոնք իրենց ատենին պիտի կատարուին»։ 21 Ժողովուրդը Զաքարիային կը սպասէր եւ կը զարմանային անոր տաճարին մէջ ուշանալուն համար։ 22 Երբ դուրս ելաւ, չէր կրնար խօսիլ անոնց հետ. ասով իմացան թէ տաճարին մէջ տեսիլք մը տեսած է։ Ինք նշանով կը խօսէր անոնց հետ եւ համր կը կենար։ 23 Երբ իր պաշտօնին օրերը լմնցան, իր տունը գնաց։ 24 Այն օրերէն ետքը անոր կինը Եղիսաբէթ յղացաւ ու հինգ ամիս ինքզինք կը պահէր եւ կ’ըսէր. 25 «Այսպէս ըրաւ ինծի Տէրը այս օրերուս, իմ վրաս նայեցաւ նախատինքս մարդոց մէջէն վերցնելու համար»։

ԱՒԵՏՈՒՄՆ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԾՆՈՒՆԴԻՆ

26 Վեցերորդ ամսուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր, 27 Կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթին տունէն։ Այն կոյսին անունը Մարիամ էր։ 28 Հրեշտակը անոր երթալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։ Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես»։ 29 Մարիամ զանիկա տեսնելով, անոր խօսքին վրայ շփոթեցաւ ու ինքնիրեն կը մտածէր թէ ի՞նչպէս բան պիտի ըլլայ այս ողջոյնը։ 30 Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար։ 31 Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ 32 Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ 33 Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ 34 Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։ 35 Հրեշտակը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ 36 Ահա քու ազգականդ Եղիսաբէթ՝ անիկա ալ իր պառաւութեան ատենը արու զաւակով մը յղի է։ Ասիկա այն ամուլ ըսուածին վեցերորդ ամիսն է, 37 Վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։ 38 Մարիամ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց։

ՄԱՐԻԱՄ ԵՂԻՍԱԲԷԹԻՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ

39 Այն օրերը ելաւ Մարիամ ու արտորալով լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց։ 40 Մտաւ Զաքարիային տունը ու Եղիսաբէթին բարեւ տուաւ։ 41 Երբ Եղիսաբէթ Մարիամին բարեւը լսեց, մանուկը անոր որովայնին մէջ խաղաց ու Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ, 42 Եւ բարձր ձայնով մը կանչեց ու ըսաւ. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը։ 43 Այս ինծի ինչպէ՞ս եղաւ, որ իմ Տէրոջս մայրը ինծի եկաւ։ 44 Վասն զի ահա երբ քու բարեւիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկը որովայնիս մէջ խաղաց ուրախութենէն։ 45 Երանի՜ անոր որ հաւատացեր է, քանզի պիտի կատարուին այն բաները, որոնք Տէրոջմէն ըսուեցան իրեն»։

ՄԱՐԻԱՄԻՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ

46 Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ 47 Եւ իմ հոգիս ուրախացաւ իմ Փրկիչ Աստուծմովս։ 48 Վասն զի իր աղախինին խոնարհութեանը նայեցաւ. քանզի ահա ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանութիւն պիտի տան։ 49 Վասն զի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ ու անոր անունը սուրբ է։ 50 Եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է ազգէ ազգ։ 51 Իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց, ցիրուցան ըրաւ ամբարտաւանները իրենց սրտին խորհուրդովը։ 52 Զօրաւորները իրենց աթոռներէն իջեցուց ու խոնարհները բարձրացուց։ 53 Անօթիները բարիքներով լեցուց եւ հարուստները պարապ ճամբեց։ 54 Օգնութիւն ըրաւ իր Իսրայէլ ծառային՝ իր ողորմութիւնը միտքը բերելով, 55 Ինչպէս ինք խօսեցաւ մեր հայրերուն, Աբրահամին ու անոր սերունդին յաւիտեան»։

56 Մարիամ անոր քով երեք ամիսի չափ կեցաւ ու իր տունը դարձաւ։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ

57 Ու Եղիսաբէթին ծնանելու ժամանակը լեցուեցաւ ու որդի մը ծնաւ։ 58 Երբ լսեցին անոնք, որ անոր բոլորտիքը կը բնակէին ու անոր ազգականները, որ Տէրը անոր վրայ իր մեծ ողորմութիւնը ցուցուց, անոր հետ ուրախացան։

59 Ութերորդ օրը տղան թլփատելու գացին եւ զանիկա իր հօրը անունովը Զաքարիա կը կոչէին, 60 Իսկ անոր մայրը պատասխան տալով ըսաւ. «Ո՛չ, հապա Յովհաննէս պիտի կոչուի»։ 61 Անոր ըսին թէ՝ ‘Քու ազգականներուդ մէջ մէկը չկայ, որ այս անունով կոչուի’։ 62 Աչք ըրին անոր հօրը թէ ի՞նչ անունով կ’ուզէ որ անիկա կոչուի։ 63 Ան ալ տախտակ մը ուզեց ու գրեց. «Յովհաննէս է ատոր անունը»։ Ամէնքն ալ զարմացան։ 64 Իսկոյն բացուեցաւ անոր բերանը ու անոր լեզուն եւ խօսեցաւ ու օրհնեց Աստուած։ 65 Վախ մը ինկաւ այն ամենուն վրայ՝ որոնք անոնց բոլորտիքը կը բնակէին։ Այս բաները Հրէաստանի բոլոր լեռնակողմը կը պատմուէր։ 66 Բոլոր լսողները իրենց սրտերնուն մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Արդեօք այս տղան ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Տէրոջը ձեռքը անոր հետ էր։

ԶԱՔԱՐԻԱՅԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

67 Անոր հայրը Զաքարիա՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ մարգարէացաւ ու ըսաւ. 68 «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ այցելութեան ելաւ եւ իր ժողովուրդին փրկութիւն ըրաւ։ 69 Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն. 70 Ինչպէս խօսեցաւ սուրբերուն բերնովը, որոնք աշխարհի սկիզբէն ի վեր անոր մարգարէներն էին. 71 Փրկութիւն մեր թշնամիներէն եւ բոլոր մեզ ատողներուն ձեռքէն, 72 Ողորմութիւն ընելու մեր հայրերուն եւ իր սուրբ ուխտը միտք բերելու 73 Այն երդումը որ մեր հօրը Աբրահամին ըրաւ, մեզի տալու, 74 Որպէս զի մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատուելով՝ առանց վախի զանիկա պաշտենք 75 Սրբութիւնով ու արդարութիւնով անոր առջեւ մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։ 76 Եւ դո՛ւն, ո՛վ մանուկ, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս, վասն զի Տէրոջը երեսին առջեւէն պիտի երթաս՝ անոր ճամբաները պատրաստելու, 77 Անոր ժողովուրդին գիտցնելու իրենց փրկութիւնը իրենց մեղքերուն թողութիւնովը, 78 Մեր Աստուծոյն գթած ողորմութեանը համար, որով Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ՝ 79 Խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու»։

80 Տղան կը մեծնար ու կը զօրանար հոգիով եւ անապատներուն մէջ էր մինչեւ այն օրը, երբ ինք Իսրայէլին երեւցաւ։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ

(Մատթ. 1։18-25)

2 1 Այն օրերը Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի։ (Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ Կիւրենոսի Սուրիոյ վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը)։ Ամէնքը կ’երթային աշխարհագիրը մտնելու՝ ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ։ Յովսէփ ալ Գալիլիայէն, Նազարէթ քաղաքէն, ելաւ դէպի Հրէաստան, Դաւիթին քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, ինք Դաւիթին տունէն ու ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Աշխարհագիրը մտնելու Մարիամին հետ մէկտեղ, որ իր նշանածն էր եւ յղի էր։ Երբ անոնք հոն էին, անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, Իր անդրանիկ որդին ծնաւ ու խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար։

ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ ԵՒ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ

Այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին։ Ահա Տէրոջը հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ ու Տէրոջը փառքը անոնց բոլորտիքը ծագեցաւ ու խիստ շատ վախցան։ 10 Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։ 11 Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է։ 12 Եւ այս ձեզի նշան մը ըլլայ՝ մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»։ 13 Իսկոյն այն հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կ’օրհնէին ու կ’ըսէին. 14 «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։ 15 Երբ հրեշտակները անոնցմէ երկինք վերցուեցան, հովիւները իրարու ըսին. «Եկէք մինչեւ Բեթլեհէմ երթանք ու տեսնենք թէ ի՞նչ է այս եղած բանը, որ Տէրը մեզի ցուցուց»։ 16 Գացին արտորալով եւ գտան Մարիամը ու Յովսէփը եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը։ 17 Երբ տեսան, իմացուցին այն խօսքերը որ այս մանուկին համար իրենց ըսուեցան։ 18 Ամէնքը որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ, որոնք հովիւները իրենց կ’ըսէին։ 19 Բայց Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր։ 20 Հովիւները դարձան, փառաւորեցին ու օրհնեցին Աստուած այն ամէն բաներուն համար, որոնք լսեցին ու տեսան, ինչպէս իրենց ըսուած էր։

21 Երբ ութ օրերը լման եղան մանուկը տարին թլփատելու։ Անոր անունը Յիսուս դրուեցաւ, որ հրեշտակէն կոչուած էր՝ դեռ ինք մօրը որովայնին մէջ չյղացած։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

22 Մովսէսին օրէնքին համեմատ երբ անոնց մաքրութեան օրերը լմնցան, Երուսաղէմ տարին զանիկա Տէրոջը առջեւ հանելու, 23 Ինչպէս գրուած է Տէրոջը օրէնքին մէջ, թէ՝ «Ամէն արու որ արգանդ կը բանայ՝ Տէրոջը սուրբ ըսուի», 24 Տէրոջը օրէնքին մէջ ըսուածին պէս ընծայ տալու՝ զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ։ 25 Այն ատեն Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէոն էր. անիկա արդար ու աստուածավախ էր։ Իսրայէլի մխիթարութեանը կը սպասէր ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր։ 26 Անոր յայտնուած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէ, մինչեւ Տէրոջը Օծեալը տեսնէ։ 27 Ան ալ Հոգիով տաճարը եկաւ։ Ու երբ ծնողքը բերին Յիսուս մանուկը, որպէս զի օրէնքին սովորութեանը պէս անոր համար ընեն, 28 Ինքն ալ զանիկա իր գիրկը առաւ եւ օրհնեց Աստուած ու ըսաւ. 29 «Ալ հիմա, ո՛վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. 30 Վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ 31 Որ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր, 32 Լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ»։ 33 Յովսէփ ու անոր մայրը զարմացած էին այն բաներուն վրայ՝ որոնք անոր համար կը խօսուէին։ 34 Սիմէոն օրհնեց զանոնք եւ անոր մօրը Մարիամին ըսաւ. «Ահա այս մանուկը Իսրայէլի մէջ շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար ու հակառակութեան նշան մը ըլլալու համար կեցած է. 35 (Եւ քու սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի.) որպէս զի այսպէս շատ սրտերէ խորհուրդներ յայտնուին»։

36 Հոն էր Աննա մարգարէուհին, Փանուէլին աղջիկը, Ասերի ցեղէն. ասիկա իր օրերը անցուցած էր, էրկանը հետ եօթը տարի կենալով իր կուսութեան ժամանակէն 37 Եւ որբեւայրի էր գրեթէ ութսունչորս տարեկան ու տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ։ 38 Ասիկա նոյն ժամուն եկաւ ու Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՆԱԶԱՐԷԹ

39 Երբ ամէն բան կատարեցին Տէրոջը օրէնքին համեմատ, նորէն Գալիլիա դարձան, իրենց Նազարէթ քաղաքը։ 40 Մանուկը կը մեծնար ու հոգիով կը զօրանար իմաստութիւնով լեցուած ու Աստուծոյ շնորհքը անոր վրայ էր։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

41 Անոր ծնողքը ամէն տարի զատկի տօնին Երուսաղէմ կ’երթային։ 42 Ու երբ անիկա տասներկու տարեկան եղաւ, տօնին սովորութեանը պէս անոնք Երուսաղէմ գացին։ 43 Երբ օրերը լմնցուցին ու նորէն ետ դարձան, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց։ Բայց Յովսէփ ու անոր մայրը չէին գիտեր, 44 Հապա կարծելով թէ անիկա ճամբորդներուն հետ է, մէկ օրուան ճամբայ գացին, յետոյ սկսան փնտռել զանիկա իրենց ազգականներուն եւ ճանչուորներուն մէջ։ 45 Երբ չգտան, նորէն Երուսաղէմ դարձան զանիկա փնտռելու։ 46 Երեք օրէն ետքը տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր։ 47 Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ։ 48 Երբ տեսան զանիկա, ապշած մնացին։ Մայրը ըսաւ անոր. «Ո՛րդեակ, ինչո՞ւ համար մեզի այդպէս ըրիր. ահա քու հայրդ ու ես խիստ վշտացած քեզ կը փնտռէինք»։ 49 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։

50 Անոնք չհասկցան այն խօսքը որ իրենց ըսուեցաւ։ 51 Եւ իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ եւ անոնց հնազանդ էր. բայց անոր մայրը այս բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր։

52 Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 3։1-12, Մարկ. 1։1-8, Յովհ. 1։19-28)

3 1 Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ տարին, Պոնտացի Պիղատոսին Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը ու Հերովդէսին Գալիլիացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ անոր եղբօրը Փիլիպպոսին Իտուրացիներուն եւ Տրաքոնացիներուն երկրին վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ Լիւսանիային Աբիլինացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը Եւ Աննային ու Կայիափային քահանայապետութեան ատենը Աստուծոյ խօսքը եղաւ Զաքարիային որդիին Յովհաննէսին անապատին մէջ։ Անիկա եկաւ Յորդանանի բոլոր կողմերը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր մեղքերու թողութեան համար. Ինչպէս Եսայի մարգարէին գրքին մէջ գրուած է՝ ըսելով. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք։ Ամէն ձոր պիտի լեցուի եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ եւ ծուռը պիտի շտկուի ու խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ պիտի ըլլան։ Եւ ամէն մարմին Աստուծոյ փրկութիւնը պիտի տեսնէ»։

Իրմէն մկրտուելու ելլող ժողովուրդին ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։ Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք եւ մի՛ սկսիք ձեր ներսիդին ըսել թէ՝ ‘Մենք մեզի հայր Աբրահամը ունինք’, քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։ Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը պիտի ձգուի»։ 10 Եւ ժողովուրդները կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»։ 11 Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ով որ երկու հանդերձ ունի, թող մէկը չունեցողին տայ եւ ով որ կերակուր ունի, նոյնպէս ընէ»։ 12 Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, մե՞նք ինչ ընենք»։ 13 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզի հրամայուածէն աւելի բան մի՛ պահանջէք»։ 14 Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր ու կ’ըսէին. «Մե՞նք ինչ ընենք»։ Ըսաւ անոնց. «Մէկը մի՛ հարստահարէք. եւ մարդու վրայ զրպարտութիւն մի՛ ընէք ու ձեր թոշակով բաւականացէք»։

15 Երբ ժողովուրդը կը սպասէր եւ ամէնքը իրենց սրտերնուն մէջ կը մտածէին Յովհաննէսին համար՝ թէ ‘Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը’, 16 Յովհաննէս պատասխան տուաւ ամենուն ու ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ, բայց ինձմէ աւելի զօրաւորը պիտի գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ, անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով. 17 Որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու ցորենը իր ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը չմարող կրակով պիտի այրէ»։ 18 Ուրիշ շատ բաներ ալ կը քարոզէր՝ ժողովուրդը յորդորելով։

19 Հերովդէս չորրորդապետը անկէ յանդիմանուելով իր եղբօր կնոջ, Հերովդիային եւ բոլոր չարութիւններուն համար, որոնք Հերովդէս գործեց, 20 Այն ամենուն վրայ այս ալ աւելցուց, որ Յովհաննէսը բանտարկեց։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 3։13-17, Մարկ. 1։9-11)

21 Բոլոր ժողովուրդը մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս ալ մկրտուելով աղօթք կ’ընէր, երկինքը բացուեցաւ 22 Եւ Սուրբ Հոգին մարմնաւոր երեւոյթով աղաւնիի պէս անոր վրայ իջաւ ու երկնքէն ձայն մը եկաւ, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԱԶԳԱՏՈՀՄԸ

(Մատթ. 1։1-17)

23 Երբ Յիսուս իր գործը սկսաւ գրեթէ երեսուն տարեկան էր։ Ինչպէս կը կարծուէր՝ ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի, 24 Որ Ղեւիի, որ Մեղքիի, որ Յաննէի, որ Յովսէփի, 25 Որ Մատաթիայի, որ Ամովսի, որ Նաւումի, որ Եսղիի, որ Նանգէի, 26 Որ Մաաթի, որ Մատաթիայի, որ Սէմէիի, որ Յովսէփի, որ Յուդայի, 27 Որ Յովհաննայի, որ Րեսայի, որ Զօրաբաբէլի, որ Սաղաթիէլի, որ Ներիի, 28 Որ Մեղքիի, որ Ադդիի, որ Կովսամի, որ Եղմովդադի, որ Էրի, 29 Որ Յովսէսի, որ Եղիազարի, որ Յովրիմի, որ Մատաթի, որ Ղեւիի, 30 Որ Սիմէօնի, որ Յուդայի, որ Յովսէփի, որ Յովնանի, որ Եղիակիմի, 31 Որ Մելիայի, որ Մայնանի, որ Մատաթայի, որ Նաթանի, որ Դաւիթի, 32 Որ Յեսսէի, որ Ովբէդի, որ Բոոսի, որ Սաղմոնի, որ Նաասոնի, 33 Որ Ամինադաբի, որ Արամի, որ Եսրոնի, որ Փարէսի, որ Յուդայի, 34 Որ Յակոբի, որ Իսահակի, որ Աբրահամի, որ Թարայի, որ Նաքովրի, 35 Որ Սերուգի, որ Ռագաւի, որ Փաղէկի, որ Եբերի, որ Սաղայի, 36 Որ Կայնանի, որ Արփաքսադի, որ Սէմի, որ Նոյի, որ Ղամէքի, 37 Որ Մաթուսաղայի, որ Ենովքի, որ Յարեդի, որ Մաղաղիէլի, որ Կայնանի, 38 Որ Ենովսի, որ Սէթի, որ Ադամի, որ Աստուծոյ։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 4։1-11, Մարկ. 1։12-13)

4 1 Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ Յորդանանէն դարձաւ ու Հոգիէն անապատը տարուեցաւ, Ուր քառասուն օր Սատանայէն փորձուեցաւ։ Այն օրերը բան մը չկերաւ։ Այն օրերը լմննալէն յետոյ անօթեցաւ։

Սատանան ըսաւ անոր. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ այդ քարին, որ հաց ըլլայ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Գրուած է թէ՝ ‘Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքովը’»։

Սատանան բարձր լեռ մը հանելով զանիկա, աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ցուցուց անոր վայրկեանի մը մէջ Եւ ըսաւ անոր. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա, Ուստի եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկդ պիտի ըլլան»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։

Սատանան Յիսուսը տարաւ Երուսաղէմ ու տաճարին աշտարակին վրայ կայնեցուց ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ. 10 Վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ քեզ պահեն. 11 Ու ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես’»։ 12 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ըսուած է թէ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։ 13 Ու երբ Սատանան ամէն փորձութիւնը կատարեց՝ ատեն մը ետ կեցաւ անկէ։

ՅԻՍՈՒՍ ԳԱԼԻԼԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

(Մատթ. 4։12-17, Մարկ. 1։14-15)

14 Յիսուս Հոգիին զօրութիւնովը Գալիլիա դարձաւ ու անոր համբաւը այն գաւառին բոլոր կողմերը տարածուեցաւ։ 15 Ինք անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու ամենէն կը փառաւորուէր։

ՅԻՍՈՒՍ ՆԱԶԱՐԷԹԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ

(Մատթ. 13։53-58, Մարկ. 6։1-6)

16 Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեանը պէս շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը ու ելաւ որ կարդայ։ 17 Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը։ Երբ գիրքը բացաւ, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր. 18 «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, 19 Գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու»։ 20 Եւ գիրքը գոցելով՝ տուաւ սպասաւորին ու նստաւ։ Ժողովարանը եղողներուն ամէնքը աչքերնին տնկած անոր կը նայէին։ 21 Սկսաւ անոնց ըսել. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին»։ 22 Ամէնքը անոր համար կը վկայէին ու կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ ու կ’ըսէին. «Ասիկա Յովսէփին որդին չէ՞»։ 23 Ըսաւ անոնց. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք այս առակը. ‘Բժիշկ, քու անձդ բժշկէ։ Որչափ բաներ լսեցինք որ Կափառնայումի մէջ եղան, հոս ալ ըրէ քու քաղաքիդ մէջ’»։ 24 Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ Մարգարէ մը իր քաղաքին մէջ ընդունելի չէ։ 25 Արդարեւ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ շատ որբեւայրիներ կային Եղիային օրերը Իսրայէլի մէջ, երբ երեք տարի ու վեց ամիս երկինք գոցուեցաւ, այնպէս որ մեծ սով եղաւ բոլոր երկրին մէջ. 26 Բայց Եղիա անոնցմէ մէկո՛ւն չղրկուեցաւ, հապա միայն Սիդոնացիներու Սարեփթա քաղաքին մէջ որբեւայրի կնոջ մը։ 27 Շատ բորոտներ կային Իսրայէլի մէջ Եղիսէ մարգարէին ատենը ու անոնցմէ մէ՛կը չմաքրուեցաւ, հապա միայն Նէեման Ասորին»։ 28 Ժողովարանին մէջ ամէնքն ալ բարկութիւնով լեցուեցան՝ երբ այս խօսքերը լսեցին 29 Ու ելան զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին ու տարին զանիկա մինչեւ այն լերան ցցուած ծայրը, որուն վրայ իրենց քաղաքը շինուած էր, որպէս զի զանիկա բարձր տեղէն վար ձգեն։ 30 Բայց ինք անոնց մէջէն անցաւ գնաց։

ՊԻՂԾ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴ ՄԸ

(Մարկ. 1։21-28)

31 Իջաւ Գալիլիայի Կափառնայում քաղաքը ու շաբաթ օրերը կը սորվեցնէր անոնց։ 32 Բոլորը կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ, վասն զի իշխանութիւնով էր անոր խօսքը։ 33 Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ պիղծ դեւի ոգի ունէր, որը մեծ ձայնով մը աղաղակեց, ըսելով. 34 «Թո՛ղ տուր, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսուս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար. գիտեմ ո՛վ ես, Աստուծոյ Սուրբը»։ 35 Յիսուս սաստեց զայն՝ ըսելով. «Պապանձէ ու ե՛լ ատկէ»։ Ու դեւը զանիկա ներկայ գտնուողներուն մէջտեղը գետինը զարկաւ եւ ելաւ անկէ ու վնաս մը չտուաւ անոր։ 36 Ամէնքը զարմացած իրարու հետ կը խօսէին ու կ’ըսէին. «Այս ի՞նչ խօսք է, որ իշխանութիւնով ու զօրութիւնով կը հրամայէ պիղծ ոգիներուն ու կ’ելլեն»։ 37 Եւ անոր համբաւը տարածուեցաւ շրջակայ գաւառին բոլոր կողմերը։

ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 8։14-17, Մարկ. 1։29-34)

38 Ժողովարանէն ելլելով՝ Սիմոնին տունը մտաւ։ 4։39 Սիմոնին զոքանչը սաստիկ ջերմով կը տանջուէր։ Անոր համար աղաչեցին իրեն։ 39 4։40 Եւ Յիսուս անոր քով կայնելով՝ սաստեց ջերմը, որը թողուց զանիկա։ Կինը շուտ մը ելաւ ու անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։

40 4։41 Արեւին մարը մտած ատենը՝ ամէն անոնք որ տեսակ տեսակ ցաւերով հիւանդներ ունէին, իրեն բերին զանոնք։ Ինք ալ ամէն մէկուն վրայ ձեռք դնելով՝ բժշկեց զանոնք։ 41 4։42 Դեւեր ալ կ’ելլէին շատերէն, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին»։ Բայց ինք կը սաստէր ու թող չէր տար անոնց որ խօսին, վասն զի գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։

ՅԻՍՈՒՍ ՍԻՆԱԿՈԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մարկ. 1։35-39)

42 4։43 Երբ ցորեկ եղաւ, ելաւ ու գնաց անապատ տեղ մը եւ ժողովուրդները կը փնտռէին զանիկա։ Եկան անոր քով ու կը ստիպէին որ ան իրենցմէ չերթայ. 43 4։44 Բայց անիկա ըսաւ անոնց. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ 44 4։45 Ու Գալիլիայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՌԱՋԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

(Մատթ. 4։18-22, Մարկ. 1։16-20)

5 1 Օր մը, երբ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը դիզուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու համար, ինք Գեննեսարէթի ծովակին քով կեցեր էր, Տեսաւ երկու նաւեր, որոնք ծովակին քով կեցեր էին եւ ձկնորսները անոնց մէջէն ելած՝ ուռկանները կը լուային։ Ինք այն նաւերէն մէկուն մէջ մտաւ, որ Սիմոնինն էր եւ աղաչեց անոր որ քիչ մը ցամաքէն ծովուն մէջ տանի եւ նստելով՝ նաւուն մէջէն ժողովուրդին կը սորվեցնէր։

Երբ խօսելէն դադրեցաւ, ըսաւ Սիմոնին. «Յառաջ տար նաւը՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու»։ Սիմոն պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, բոլոր գիշերը աշխատեցանք ու բան մը չբռնեցինք. բայց քու խօսքիդ համար ուռկանը կը ձգեմ»։ Երբ ըսուածը ըրին, խիստ շատ ձուկեր ժողվեցին, անանկ որ իրենց ուռկանը կը պատռտէր։ Աչք կ’ընէին միւս նաւուն մէջ եղող իրենց ընկերներուն՝ որ գան օգնեն իրենց։ Եկան ու երկու նաւերն ալ լեցուցին, գրեթէ ընկղմելու մօտ էին։ Սիմոն Պետրոս երբ տեսաւ, Յիսուսին ծունկերուն ինկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ»։ Վասն զի ապշութիւնը պատեց զանիկա եւ անոր հետ եղող ամէնքը՝ իրենց բռնած ձուկերուն շատութեան համար։ 10 Նոյնպէս ալ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս եւ Յովհաննէս՝ որոնք Սիմոնին ընկերներն էին։ Յիսուս ըսաւ Սիմոնին. «Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։ 11 Նաւերը ցամաք հանելով՝ ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։

ՅԻՍՈՒՍ ԲՈՐՈՏ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 8։1-4, Մարկ. 1։40-45)

12 Օր մը, ինք քաղաքի մը մէջ էր, ահա մարդ մը բորոտութիւնով լեցուն՝ երբ Յիսուսը տեսաւ, երեսի վրայ իյնալով աղաչեց անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել»։ 13 Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛» եւ շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց։ 14 Ու ինք պատուիրեց անոր, որ մարդու չըսէ, հապա, ըսաւ. «Գնա՛ քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրածին պէս քու մաքրուելուդ ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։ 15 Անոր լուրը աւելի կը տարածուէր ու շատ ժողովուրդ կը ժողվուէին մտիկ ընելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու։ 16 Բայց ինք անապատ տեղեր կը քաշուէր եւ աղօթք կ’ընէր։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 9։1-8, Մարկ. 2։1-12)

17 Օր մը երբ ինք կը սորվեցնէր, փարիսեցիներ եւ օրինաց վարդապետներ նստած էին, որոնք Գալիլիայի ու Հրէաստանի ու Երուսաղէմի բոլոր գիւղաքաղաքներէն ժողվուած էին ու Տէրոջը զօրութիւնը ներկայ էր զանոնք բժշկելու։ 18 Ահա քանի մը մարդիկ անդամալոյծ մարդ մը մահիճովը բերին եւ հնարը կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս զանիկա ներս մտցնեն ու դնեն անոր առջեւ։ 19 Ու երբ բազմութենէն ճամբայ չկրցան գտնել, որ անկէ ներս խոթեն զանիկա, տանիքին վրայ ելան եւ զանիկա կղմինտրներուն մէջէն մահիճովը՝ մէջտեղը Յիսուսին առջեւ իջեցուցին։ 20 Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ մարդ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։ 21 Դպիրներն ու փարիսեցիները սկսան խորհիլ ու ըսել. «Ո՞վ է ասիկա, որ հայհոյութիւններ կ’ընէ։ Ո՞վ կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։ 22 Յիսուս իմանալով անոնց խորհուրդները՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Սրտերնուդ մէջ ի՞նչ կը խորհիք։ 23 Ո՞րը աւելի դիւրին է, ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են’՝ ըսե՞լը, թէ ‘Ելի՛ր ու քալէ՛’՝ ըսելը։ 24 Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, (ըսաւ անդամալոյծին,) քեզի կ’ըսեմ, ‘Ելի՛ր մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա’»։ 25 Ան ալ իսկոյն անոնց առջեւ ելաւ ու վրան առաւ ինչ բանի վրայ որ պառկած էր եւ գնաց իր տունը ու Աստուծոյ փառք կու տար։ 26 Ամէնքը ապշած մնացին ու Աստուծոյ փառք կու տային եւ վախով լեցուած՝ կ’ըսէին. «Այսօր նորանշան բաներ տեսանք»։

ՅԻՍՈՒՍ ՂԵՒԻՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ

(Մատթ. 9։9-13, Մարկ. 2։13-17)

27 Այս բաներէն յետոյ ելաւ անկէ ու տեսաւ մաքսաւոր մը, որուն անունը Ղեւի էր, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր ու ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։ 28 Ան ալ թողուց ամէնքը եւ ելաւ գնաց անոր ետեւէն։ 29 Ու Ղեւի մեծ կոչունք մը տուաւ իր տանը մէջ։ Շատ բազմութիւն կար մաքսաւորներու եւ ուրիշներու, որ անոնց հետ սեղան նստեր էին։ 30 Դպիրներն ու փարիսեցիները տրտունջ կ’ընէին ու անոր աշակերտներուն կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք»։ 31 Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն. 32 Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան»։

ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 9։14-17, Մարկ. 2։18-22)

33 Անոնք ալ ըսին. «Ինչո՞ւ Յովհաննէսին աշակերտները շատ անգամ ծոմ կը պահեն եւ աղօթքներ կ’ընեն, նոյնպէս ալ փարիսեցիներուն աշակերտները. բայց քուկիններդ կ’ուտեն ու կը խմեն»։ 34 Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կրնա՞ք հարսանիքին տղոցը ծոմ պահել տալ՝ որքան ատեն որ փեսան իրենց հետ է։ 35 Բայց օրեր պիտի գան՝ երբ փեսան իրենցմէ պիտի վերցուի, այն օրերուն ծոմ պիտի պահեն»։ 36 Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Մէկը նոր լաթի կտոր մը չի ձգեր հին հանդերձի վրայ. եթէ ոչ՝ այն նորը պատռուածք ալ կ’ընէ ու հինցածին հետ չի յարմարիր այն նոր լաթէն եղած կտորը։ 37 Եւ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ չի դներ. եթէ ոչ՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ, ինք կը թափի ու տիկերը կը կորսուին. 38 Հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է, որպէս զի երկուքն ալ պահուին։ 39 Եւ մէկը հին գինին խմելէն յետոյ անմիջապէս նորը չ’ուզեր, քանզի կ’ըսէ թէ՝ Հինը աւելի ախորժելի է»։

ՇԱԲԱԹԻՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 12։1-8, Մարկ. 2։23-28)

6 1 Տէր Յիսուս Շաբաթ օր մը արտերուն մէջէն կ’անցնէր։ Իր աշակերտները ցորենի հասկեր փրցնելով՝ ձեռքերնուն մէջ կը շփէին ու կ’ուտէին։ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ի՞նչ կ’ընէք, չէ՞ որ արգիլուած է գործել շաբաթ օրը»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը, երբ անօթեցան ինք եւ անոնք որ իրեն հետ էին։ Ի՛նչպէս անիկա Աստուծոյ տունը մտաւ եւ առաջաւորութեան հացերը առաւ ու կերաւ եւ տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին. որոնք ուրիշ մարդո՛ւ օրինաւոր չէր ուտել, բայց միայն քահանաներուն»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է»։

ՉՈՐՑԱԾ ՁԵՌՔՈՎ ՄԱՐԴԸ

(Մատթ. 12։9-14, Մարկ. 3։1-6)

Ուրիշ շաբաթ օր մըն ալ ինք ժողովարանը մտաւ ու կը սորվեցնէր։ Հոն մարդ մը կար, որուն աջ ձեռքը չորցած էր։ Դպիրներն ու փարիսեցիները անոր կը սպասէին՝ տեսնելու թէ շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի ամբաստանութեան առիթ մը գտնեն անոր դէմ։ Իսկ ինք գիտնալով անոնց խորհուրդները, ըսաւ այն մարդուն, որուն ձեռքը չորցած էր. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։ Ան ալ ելաւ կայնեցաւ։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի բան մը հարցնեմ. ‘Շաբաթ օրը ո՞րը յարմար է. բարի՞ք թէ չարիք ընելը, հոգի մը ապրեցնե՞լը թէ մեռցնելը’»։ 10 Եւ շուրջանակի ամենուն վրայ նայելով՝ ըսաւ անոր. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ այնպէս ըրաւ ու անոր ձեռքը ողջնցաւ միւսին պէս։ 11 Անոնք կատաղութեամբ լեցուեցան ու իրարու հետ կը խօսէին թէ՝ ի՞նչ ընեն Յիսուսին։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ Կ’ԸՆՏՐԷ

(Մատթ. 10։1-4, Մարկ. 3։13-19)

12 Յիսուս լեռը ելաւ աղօթք ընելու ու բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց։ 13 Առտուն կանչեց իր աշակերտները ու անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց ու զանոնք առաքեալ անուանեց. 14 Սիմոնը՝ որ Պետրոս ալ անուանեց եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, Յակոբոսը ու Յովհաննէսը, 15 Փիլիպպոսը, Բարթողիմէոսը, Մատթէոսը եւ Թովմասը, Ալփէոսեան Յակոբոսը եւ Նախանձայոյզ ըսուած Սիմոնը, 16 Յակոբոսին եղբայրը Յուդան եւ Իսկարիովտացի Յուդան, որը մատնիչ եղաւ։

ՅԻՍՈՒՍ Կ’ՈՒՍՈՒՑԱՆԷ, ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 4։23-25)

17 Անոնց հետ իջնելով՝ տափարակ տեղ մը կայնեցաւ, նաեւ իր աշակերտներուն ժողովը՝ ու մեծ բազմութիւն մը ժողովուրդներու՝ բոլոր Հրէաստանէն ու Երուսաղէմէն եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի ծովեզերքէն. 18 Որոնք եկան անոր խօսքերը մտիկ ընելու ու իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու եւ պիղծ ոգիներէն նեղութիւն կրողներն ալ եկան ու բժշկուեցան։ 19 Եւ բոլոր ժողովուրդը կ’ուզէր իրեն դպչիլ, վասն զի զօրութիւն կ’ելլէր իրմէ ու ամէնքը կը բժշկէր։

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏԽՐՈՒԹԻՒՆ

(Մատթ. 5։1-12)

20 Ինք իր աչքերը դէպի իր աշակերտները վերցուց ու ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, վասն զի ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ 21 Երանի՜ ձեզի որ հիմա անօթի էք, վասն զի պիտի կշտանաք։ Երանի՜ ձեզի որ հիմա կու լաք, վասն զի պիտի խնդաք։ 22 Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն եւ ձեր վրայով գէշ անուն հանեն Որդի մարդոյ պատճառով»։

23 «Ուրախ եղէք դուք այն օրը ու ցնծացէք, քանզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին մարգարէներուն։ 24 Բայց վա՜յ ձեզի հարուստներուդ, վասն զի ձեր մխիթարութիւնը առած էք։ 25 Վա՜յ ձեզի որ կուշտ էք, վասն զի պիտի անօթենաք. վա՜յ ձեզի որ հիմա կը ծիծաղիք, վասն զի սուգ պիտի ընէք ու լաք։ 26 Վա՜յ ձեզի երբ մարդիկ ձեր վրայով աղէկ խօսին, վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին սուտ մարգարէներուն»։

ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ

(Մատթ. 5։38-48, 7։12ա)

27 «Բայց կ’ըսեմ ձեզի որ մտիկ կ’ընէք. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ձեզ ատողներուն բարիք ըրէք, 28 Ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք։ 29 Թէ որ մէկը քու ծնօտիդ զարնէ, միւսն ալ մօտեցուր անոր. եթէ ան քու վերարկուդ քեզմէ հանէ, մի՛ արգիլեր անկէ շապիկդ ալ։ 30 Ամէն ինչ, որ քեզմէ կ’ուզէ՝ տուր ու քու բաներդ առնողէն զանոնք մի՛ պահանջեր։ 31 Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք։ 32 Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ կը սիրեն զիրենք սիրողները։ 33 Եթէ դուք ձեզի բարիք ընողներուն բարիք ընէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ նոյն բանը կ’ընեն։ 34 Եթէ այնպիսի մարդոց փոխ տաք՝ որոնցմէ յոյս ունիք ետ առնելու. ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան, որպէս զի նոյն չափով ետ առնեն։ 35 Այլ սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք եւ փոխ տուէք առանց փոխարէնը բան մը սպասելու եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին որդիները պիտի ըլլաք, վասն զի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն։ 36 Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է’»։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԴԱՏԵԼ

(Մատթ. 7։1-5)

37 «Մի՛ դատէք ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզի պիտի ներուի։ 38 Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։

39 Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Միթէ կոյրը կոյրին կրնա՞յ առաջնորդութիւն ընել. չէ՞ որ երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան։ 40 Աշակերտը իր վարդապետէն մեծ չէ, իսկ ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ»։

41 «Ինչո՞ւ քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ 42 Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ. ‘Եղբա՛յր, թող տուր որ աչքիդ մէջի շիւղը հանեմ’ եւ դուն քու աչքիդ մէջի գերանը չես տեսներ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը»։

ԾԱՌ ՄԸ ԵՒ ԻՐ ՊՏՈՒՂԸ

(Մատթ. 7։16-20, 12։33-35)

43 «Չկայ բարի ծառ մը, որ չար պտուղ բերէ, ո՛չ ալ չար ծառ մը, որ բարի պտուղ բերէ. 44 Վասն զի ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։ Քանզի փուշերէն թուզ չեն քաղեր ու մորենիէն խաղող չեն ժողվեր։ 45 Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։

ԵՐԿՈՒ ՏՈՒՆ ՇԻՆՈՂՆԵՐԸ

(Մատթ. 7։24-27)

46 «Ինչո՞ւ զիս Տէ՛ր, Տէ՛ր, կը կոչէք ու ըսած բաներս չէք կատարեր։ 47 Այն, որ ինծի կու գայ եւ իմ խօսքերս կը լսէ ու զանոնք կը կատարէ, ձեզի ցուցնեմ թէ որո՛ւ կը նմանի։ 48 Անիկա տուն շինող մարդու մը կը նմանի, որ փորեց ու խորունկցուց ու հիմը վէմի վրայ դրաւ եւ ջուրերուն յորդած ատենը գետը զարկաւ այն տանը ու չկրցաւ զանիկա շարժել, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։ 49 Բայց ան որ իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի այն մարդուն, որ հողի վրայ առանց հիմի տուն շինեց, որուն զարկաւ գետը եւ շուտ մը փլաւ։ Այն տանը կործանումը մեծ էր»։

ՀԱՐԻՒՐԱՊԵՏԻՆ ԾԱՌԱՅԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 8։5-13)

7 1 Երբ իր բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն խօսիլը լմնցուց, մտաւ Կափառնայում։ Հարիւրապետի մը ծառան, որ սիրելի էր իրեն, հիւանդացած, մօտ էր մեռնելու։ Երբ Յիսուսի մասին լսեց, Հրեաներէն քանի մը ծերեր ղրկելով՝ աղաչեց անոր որ գայ իր ծառան ապրեցնէ։ Անոնք ալ եկան Յիսուսին եւ թախանձանքով կ’աղաչէին անոր ու կ’ըսէին թէ՝ «Անիկա արժանի է՝ որուն այս շնորհքը պիտի ընես, Վասն զի մեր ազգը կը սիրէ ու ժողովարանը անիկա շինեց մեզի»։ Յիսուս գնաց անոնց հետ ու երբ տան մօտեցան՝ հարիւրապետը քանի մը բարեկամներ ղրկեց ու ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, մի՛ յոգնիր, վասն զի ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես։ Անոր համար ես ինքզինքս ալ արժանի չսեպեցի քեզի գալու, հապա խօսքով ըսէ եւ իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ դրուած մարդ մըն եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’ ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’ ու կ’ընէ»։ Յիսուս այս բաները լսելով՝ զարմացաւ անոր վրայ եւ իր ետեւէն գացող ժողովուրդին դարձաւ ու ըսաւ. «Ձեզի կ’ըսեմ, թէ Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ»։ 10 Ու պատգամաւորները նորէն տուն դարձան եւ հիւանդ ծառան առողջացած գտան։

ԱՅՐԻ ԿՆՈՋ ՈՐԴԻԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

11 Հետեւեալ օրը քաղաք մը կ’երթար, որուն անունը Նային էր։ Անոր հետ կ’երթային իր աշակերտներէն շատերը ու մեծ բազմութիւն մը։ 12 Երբ քաղաքին դրանը մօտեցաւ, մեռել մը դուրս կը հանէին, իր մօրը մէկ հատիկ տղան։ Մայրը որբեւայրի էր։ Քաղաքէն շատ ժողովուրդ անոր հետ էր։ 13 Տէրը զանիկա տեսնելով՝ խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ անոր. «Մի՛ լար»։ 14 Մօտենալով՝ դագաղին դպաւ ու տանողները կանգ առին. եւ ըսաւ. «Ո՛վ պատանի, քեզի՛ կ’ըսեմ, Ելի՛ր»։ 15 Ու մեռելը ելաւ նստաւ ու սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս տուաւ զանիկա իր մօրը։ 16 Եւ ամէնքն ալ վախով բռնուեցան ու Աստուած կը փառաւորէին՝ ըսելով. «Մեծ մարգարէ մը ելեր է մեր մէջ եւ թէ Աստուած իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրաւ»։ 17 Եւ այս ձայնը անոր վրայով բոլոր Հրէաստան ելաւ ու բոլոր շրջակայ տեղերը։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ

(Մատթ. 11։2-19)

18 Այս բաները Յովհաննէսին պատմեցին աշակերտները։ 19 Յովհաննէս ալ իր աշակերտներէն երկուքը իրեն կանչեց եւ զանոնք Յիսուսին ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։ 20 Աշակերտները գացին անոր ու ըսին. «Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ ղրկեց քեզի ու կը հարցնէ. ‘Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք’»։ 21 Նոյն ժամուն շատեր բժշկեց իրենց հիւանդութիւններէն ու հարուածներէն եւ չար ոգիներէն ու շատ կոյրերու տեսութիւն շնորհեց։ 22 Ապա Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք Յովհաննէսին պատմեցէք ինչ որ տեսաք ու լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։ 23 Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։

24 Երբ Յովհաննէսին ղրկած մարդիկը գացին, Յիսուս ժողովուրդին ըսաւ Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։ 25 Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը։ Ահա անոնք որ փառաւոր հագուստներով ու փափկութեան մէջ են, թագաւորական պալատներն են։ 26 Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. մարգարէ՞. այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, մարգարէէ մը աւելի։ 27 Վասն զի ասիկա է՝ որուն համար գրուած է. ‘Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պիտի պատրաստէ քու առջեւէդ’։ 28 Քանզի կ’ըսեմ ձեզի. ‘Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտչէն մեծ մարգարէ չկայ’. սակայն Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է»։

29 Բոլոր ժողովուրդը ու մաքսաւորները երբ լսեցին, Աստուած արդարացուցին, որ Յովհաննէսին մկրտութիւնով մկրտուեցան։ 30 Բայց փարիսեցիները եւ օրինականները իրենց անձին դէմ Աստուծոյ խորհուրդը անարգեցին եւ անկէ չմկրտուեցան։

31 «Արդ որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգին մարդիկը եւ որո՞ւ կը նմանին։ 32 Կը նմանին տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրարու կը կանչեն ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք։ Ողբ կարդացինք ձեզի ու չլացիք’։ 33 Վասն զի Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ. ո՛չ հաց կ’ուտէր եւ ո՛չ գինի կը խմէր ու կ’ըսէիք. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ 34 Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսէք. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ’։ 35 Իմաստութիւնը արդարացաւ իր բոլոր որդիներէն»։

ՅԻՍՈՒՍ ՓԱՐԻՍԵՑԻ ՍԻՄՈՆԻՆ ՏԱՆԸ ՄԷՋ

36 Փարիսեցիներէն մէկը կ’աղաչէր անոր, որ իրեն հետ հաց ուտէ։ Ան ալ փարիսեցիին տունը մտաւ ու սեղան նստաւ։ 37 Քաղաքին մէջ մեղաւոր կին մը կար. երբ իմացաւ թէ անիկա փարիսեցիին տունը սեղան նստեր է, շիշ մը անուշահոտ իւղ բերաւ։ 38 Ու ետեւի կողմէն անոր ոտքերուն քով կեցեր՝ կու լար եւ արցունքովը սկսաւ անոր ոտքերը թրջել ու իր գլխուն մազերովը կը սրբէր եւ կը համբուրէր անոր ոտքերը ու իւղով կ’օծէր։ 39 Ու երբ տեսաւ փարիսեցին, որ զանիկա հրաւիրեր էր, ըսաւ իր մտքին մէջ. «Ասիկա եթէ մարգարէ ըլլար, պիտի գիտնար թէ ո՞վ եւ ի՞նչպիսի կին է իրեն դպչողը, վասն զի մեղաւոր է»։ 40 Յիսուս պատասխանելով ըսաւ անոր. «Սիմոն, քեզի բան մը ունիմ ըսելու»։ Ան ալ ըսաւ. «Ըսէ՛, վարդապետ»։ Յիսուս ըսաւ. 41 «Փոխ տուող մը երկու պարտական ունէր, մէկը հինգ հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու միւսը՝ յիսուն։ 42 Որովհետեւ հատուցանելու կարողութիւն չունէին, երկուքին ալ շնորհեց։ Հիմա ըսէ. ‘Անոնցմէ ո՞րը աւելի պիտի սիրէ զանիկա’»։ 43 Պատասխան տուաւ Սիմոն ու ըսաւ. «Ինծի այնպէս կ’երեւնայ, թէ որո՛ւն որ շատ շնորհեց»։ Ան ալ ըսաւ անոր. «Ուղիղ դատեցիր»։ 44 Ու դառնալով դէպի այն կինը՝ ըսաւ Սիմոնին. «Կը տեսնե՞ս այս կինը։ Ես քու տունդ մտայ, դուն ոտքերուս ջուր չտուիր, բայց ասիկա իր արցունքովը ոտքերս թրջեց եւ իր մազերովը սրբեց։ 45 Դուն ինծի համբոյր մը չտուիր, բայց ասիկա հոս մտնելէս ի վեր ոտքերս համբուրելէն չդադրեցաւ։ 46 Դուն իմ գլուխս ձէթով չօծեցիր, բայց ասիկա իմ ոտքերս անուշահոտ իւղով օծեց։ 47 Ասոր համար կ’ըսեմ քեզի. ‘Ներուած են ասոր շատ մեղքերը, վասն զի շատ սիրեց, բայց որուն որ քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ’». 48 Ու ըսաւ անոր. «Քու մեղքերդ ներուած են»։ 49 Անոր հետ սեղան նստողները սկսան իրենց մէջ ըսել. «Ո՞վ է ասիկա որ մեղքերու թողութիւն ալ կու տայ»։ 50 Ինք ըսաւ կնոջը. «Քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա՛ խաղաղութեամբ»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԸՆԿԵՐԱՑՈՂ ԿԻՆԵՐ

8 1 Անկէ յետոյ՝ ինք քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր ու տասներկուքը իրեն հետ էին, Նաեւ քանի մը կիներ՝ որոնք չար ոգիներէ ու հիւանդութիւններէ բժշկուեր էին. Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր, ուրկէ եօթը դեւ ելեր էր Եւ Յովհաննան՝ Հերովդէսին տանը վերակացուին՝ Քուզայի կինը ու Շուշան եւ շատ ուրիշներ, որոնք իրենց ստացուածքովը անոր ծառայութիւն կ’ընէին։

ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 13։1-9, Մարկ. 4։1-9)

Երբ մեծ բազմութիւն ժողվուեցաւ եւ շատ քաղաքներէ իրեն եկան, առակ մը ըսաւ անոնց. «Սերմ ցանող մը ելաւ իր սերմը ցանելու։ Ցանած ատենը մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ ոտքի տակ կոխկռտուեցան ու երկնքի թռչունները կերան զանոնք։ Ուրիշներ ապառաժի վրայ ինկան ու բուսածին պէս չորցան, հողին հիւթ չունենալուն համար։ Եւ ուրիշներ փուշերու մէջ ինկան ու փուշերը անոնց հետ բուսնելով խեղդեցին զանոնք։ Եւ ուրիշներ աղէ՛կ հողի մէջ ինկան ու բուսնելով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին»։ Երբ այս բաները կ’ըսէր, կ’աղաղակէր. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։

ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

(Մատթ. 13։10-17, Մարկ. 4։10-12)

Իր աշակերտները հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս առակը»։ 10 Ան ալ ըսաւ. «Ձեզի տրուած է հասկնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդները, բայց ուրիշներուն առակներով կը խօսիմ. որպէս զի տեսնելով՝ չտեսնեն եւ լսելով՝ չիմանան»։

ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 13։18-23, Մարկ. 4։13-20)

11 «Արդ, առակին իմաստը այս է. ‘Սերմը Աստուծոյ խօսքն է։ 12 Ճամբուն քովինները անոնք են՝ որ կը լսեն ու ետքը Սատանան կու գայ, անոնց սրտէն կը հանէ խօսքը, որպէս զի չըլլայ թէ հաւատան ու փրկուին։ 13 Ապառաժին վրայինները անոնք են՝ որ երբ լսեն, ուրախութեամբ կ’ընդունին խօսքը, բայց արմատ չունին։ Ատեն մը կը հաւատան ու փորձութեան ժամանակ կը հեռանան։ 14 Փուշերուն մէջ ինկածները անոնք են՝ որ կը լսեն, բայց հոգերով ու հարստութիւնով եւ այս կեանքին ցանկութիւններով զբաղած ըլլալով՝ կը խեղդուին եւ անպտուղ կ’ըլլան։ 15 Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը անոնք են՝ որ բարի եւ յօժար սրտով լսելով խօսքը՝ կ’ընդունին ու համբերութիւնով պտուղ կու տան’»։

ԱՄԱՆԻՆ ՏԱԿԻ ՃՐԱԳԸ

(Մարկ. 4։21-25)

16 «Չկայ մէկը, որ ճրագը վառէ ու ամանի մը տակ կամ մահիճին ներքեւ դնէ, հապա աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ 17 Վասն զի չկայ ծածուկ բան մը, որ պիտի չյայտնուի, ո՛չ ալ գաղտուկ բան մը, որ պիտի չգիտցուի ու երեւան չելլէ։ 18 Ուստի նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. քանզի ով որ ունի՝ անոր պիտի տրուի եւ ով որ չունի՝ այն ալ որ ինք կը կարծէ թէ ունի, ան ալ անկէ պիտի առնուի»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

(Մատթ. 12։46-50, Մարկ. 3։31-35)

19 Անոր մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց բազմութենէն չէին կրնար անոր քով երթալ։ 20 Անոր իմացուցին՝ ըսելով. «Քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են ու քեզ տեսնել կ’ուզեն»։ 21 Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Իմ մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու զանիկա կը կատարեն»։

ՅԻՍՈՒՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԵՑՆԷ

(Մատթ. 8։23-27, Մարկ. 4։35-41)

22 Օր մը նաւը մտան Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ ու ըսաւ անոնց. «Ծովակին միւս կողմը անցնինք»։ Ճամբայ ելան։ 23 Երբ նաւով կ’երթային ինք քնացաւ։ Զօրաւոր փոթորիկ մը ելաւ ծովակին վրայ։ Նաւը ջուրով կը լեցուէր ու իրենք վտանգի մէջ էին։ 24 Մօտեցան, արթնցուցին զանիկա ու ըսին. «Վա՛րդապետ, վա՛րդապետ, ահա կը կորսուինք»։ Ան ալ ելաւ սաստեց հովին ու ջուրերուն խռովութեանը եւ հանդարտեցաւ ու խաղաղութիւն եղաւ։ 25 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»։ Անոնք վախի մէջ ինկած՝ զարմացան ու իրարու կ’ըսէին. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա՝ որ հովերուն ու ջուրին ալ հրաման կու տայ եւ կը հնազանդին իրեն»։

ՅԻՍՈՒՍ ԴԻՒԱՀԱՐ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 8։28-34, Մարկ. 5։1-20)

26 Ու նաւելով իջան Գադարացիներուն երկիրը, որ Գալիլիայի դիմացի կողմն է։ 27 Ինք ցամաքը ելլելուն պէս՝ այն քաղաքէն մարդ մը ելաւ դէմը, որուն ներսը շատ ատենէ ի վեր դեւեր կային ու անիկա հանդերձ չէր հագներ, ոչ ալ տան մէջ կը բնակէր, հապա գերեզմաններու մէջ։ 28 Ան՝ Յիսուսը տեսնելով՝ աղաղակեց ու ինկաւ անոր առջեւ ու բարձր ձայնով ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս, Որդի Բարձրեալն Աստուծոյ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս մի՛ տանջեր»։ 29 (Վասն զի հրամայեց պիղծ ոգիին որ այն մարդէն ելլէ. որովհետեւ շատ ատեն էր որ զանիկա գրաւած էր եւ անիկա շղթաներով ու ոտնակապերով կապուած կը պահուէր, բայց կապերը կը կոտրտէր ու դեւէն անապատը կը քշուէր։) 30 Հարցուց անոր Յիսուս ու ըսաւ. «Անունդ ի՞նչ է»։ Ան ալ ըսաւ. «Լեգէոն». վասն զի շատ մը դեւեր մտեր էին անոր ներսիդին, 31 Անոնք կ’աղաչէին անոր որ անդունդը երթալու հրաման չընէ իրենց։ 32 Հոն խոզերու երամակ մը կար, որոնք լեռը կ’արածուէին։ Աղաչեցին որ իրենց հրաման տայ անոնց մէջ մտնելու։ Յիսուս հրաման տուաւ անոնց։ 33 Դեւերը մարդէն ելլելով՝ խոզերուն մէջ մտան։ Երամակը գահավէժ տեղէն ծովակը վազեց ու խեղդուեցաւ։ 34 Խոզարածները ասիկա տեսնելով փախան ու պատմեցին քաղաքը ու ագարակները։ 35 Մարդիկ ելան եղած բանը տեսնելու։ Եկան Յիսուսին, գտան այն մարդը՝ ուրկէ դեւերը ելեր էին, հագուած ու խելքը վրան Յիսուսին ոտքերուն քով նստած ու վախցան։ 36 Անոնք որ տեսեր էին, պատմեցին անոնց թէ ի՛նչպէս դիւահարը ազատեցաւ։ 37 Գադարացիներու շրջակայքը գտնուող բոլոր բազմութիւնը կ’աղաչէր անոր, որ իրենցմէ երթայ, վասն զի մեծ վախով բռնուած էին։ Ան ալ նաւը մտնելով ետ դարձաւ։ 38 Մարդը՝ ուրկէ դեւերը ելեր էին, կ’աղաչէր անոր որ իրեն ընկերանայ, բայց Յիսուս ըսաւ. 39 «Դարձիր քու տունդ ու պատմէ ինչ որ Աստուած քեզի ըրաւ»։ Ան ալ գնաց ու բոլոր քաղաքին մէջ պատմեց ինչ որ Յիսուս իրեն ըրաւ։

ՅԱՅՐՈՍԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ԿԻՆԸ ՈՐ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՆԴԵՐՁԻՆ ԴՊԱՒ

(Մատթ. 9։18-26, Մարկ. 5։21-43)

40 Երբ Յիսուս ետ դարձաւ, ժողովուրդը զանիկա ընդունեց, վասն զի ամէնքը իրեն կը սպասէին։ 41 Ահա Յայրոս անունով մարդ մը եկաւ, որ ժողովարանին իշխանն էր, Յիսուսին ոտքը իյնալով կ’աղաչէր անոր որ իր տունը մտնէ, 42 Վասն զի մէկ հատիկ աղջիկ մը ունէր, գրեթէ տասներկու տարեկան, որ մեռնելու մօտ էր։ Երբ Յիսուս կ’երթար, բազմութիւնը կը նեղէր զինք։

43 Կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր ու իր բոլոր ունեցածը բժիշկներուն ծախսած էր բայց ոչ մէկէն բժշկուելու ճար մը գտած էր, 44 Ետեւէն մօտենալով՝ անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ եւ իսկոյն իր արիւնին հոսումը դադրեցաւ։ 45 Եւ Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ էր ան որ ինծի դպաւ»։ Երբ ամէնքը կ’ուրանային, ըսին Պետրոս ու իրեն հետ եղողները. «Վարդապետ, բազմութիւնը քեզ կը հրէ ու կը նեղէ ու կ’ըսես թէ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։ 46 Յիսուս ըսաւ. «Մէկը ինծի դպաւ, քանզի իմացայ որ ինձմէ զօրութիւն մը ելաւ»։ 47 Կինը երբ տեսաւ թէ բանը անկէ չծածկուեցաւ, դողալով եկաւ ու անոր առջեւ ինկաւ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անոր պատմեց թէ ի՛նչ բանի համար անոր դպեր էր եւ թէ ի՛նչպէս ինք իսկոյն բժշկուեցաւ։ 48 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Գնա՛ խաղաղութեամբ»։

49 Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ ու ըսաւ. «Աղջիկդ մեռաւ, ա՛լ վարդապետը մի՛ յոգնեցներ»։ 50 Բայց Յիսուս երբ լսեց ատիկա, ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա ու պիտի ապրի»։ 51 Երբ տունը մտաւ, ուրիշ մէ՛կը թող չտուաւ որ մտնէ, բայց միայն Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու աղջկան հայրն ու մայրը։ 52 Ամէնքն ալ կու լային ու կ’ողբային անոր վրայ. եւ ինք ըսաւ. «Մի՛ լաք, անիկա մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ 53 Անոնք ծաղր կ’ընէին զանիկա, քանզի գիտէին թէ մեռաւ։ 54 Ինք ամէնքն ալ դուրս հանելով՝ բռնեց աղջկան ձեռքէն ու կանչեց՝ ըսելով. «Աղջի՛կ, ելիր»։ 55 Անոր հոգին դարձաւ ու իսկոյն ոտքի ելաւ։ Յիսուս հրաման ըրաւ, որ ուտելիք տան անոր։ 56 Անոր ծնողքը ապշած մնացին։ Յիսուս անոնց պատուիրեց, որ եղածը մարդո՛ւ չըսեն։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՂՐԿԷ

(Մատթ. 10։5-15, Մարկ. 6։7-13)

9 1 Իր տասներկու աշակերտները իրեն կանչելով՝ անոնց զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ բոլոր դեւերուն վրայ եւ ախտերը բժշկելու։ Ու զանոնք ղրկեց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն ու հիւանդները բժշկեն։ Ըսաւ անոնց. «Ճամբու համար բան մի՛ առնէք, ո՛չ գաւազան եւ ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց եւ ո՛չ ստակ, ո՛չ ալ կրկին հանդերձ ունենաք։ Եւ որո՛ւ տուն որ մտնէք, հոն մնացէք ու անկէ ելէք։ Եթէ անոնք ձեզ չընդունին, երբ այն քաղաքէն ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին անգամ թօթուեցէք՝ իրենց դէմ վկայութիւն ըլլալու համար»։ Աշակերտները ելան ու գիւղէ գիւղ կը պտըտէին եւ ամէն տեղ աւետարանը կը քարոզէին ու բժշկութիւն կ’ընէին։

ՀԵՐՈՎԴԷՍԻՆ ՇՓՈԹՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 14։1-12, Մարկ. 6։14-29)

Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսին գործերը լսելով՝ տարակուսանքի մէջ էր, որովհետեւ ոմանք ըսած էին 9։8 թէ ‘Յովհաննէս յարութիւն առաւ մեռելներէն’ Եւ ոմանք՝ թէ ‘Եղիա յայտնուեցաւ’ եւ ուրիշներ ալ՝ թէ ‘Առաջուան մարգարէներէն մէկը յարութիւն առաւ’։ Հերովդէս ըսաւ. «Յովհաննէսը ես գլխատեցի, հապա ասիկա ո՞վ պիտի ըլլայ, որուն մասին այսպիսի բաներ կը լսեմ»։ Ու կ’ուզէր որ տեսնէ զանիկա։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ

(Մատթ. 14։13-21, Մարկ. 6։30-44, Յովհ. 6։1-14)

10 Առաքեալները դարձան ու պատմեցին անոր ինչ որ ըրին։ Յիսուս առաւ զանոնք, առանձին անապատ տեղ մը քաշուեցաւ քաղաքի մը քով՝ որուն անունը Բեթսայիդա էր։ 11 Ժողովուրդը երբ իմացաւ՝ անոր ետեւէն գացին։ Ինք ալ զանոնք ընդունելով՝ կը խօսէր անոնց Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով եւ որոնք որ բժշկութեան կարօտ էին՝ կը բժշկէր։

12 Իրիկունը, տասներկուքը եկան ու ըսին անոր. «Արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի շրջակայ գիւղերը ու ագարակները երթան իջեւանին ու կերակուր գտնեն, վասն զի հոս անապատի մէջ ենք»։ 13 Ըսաւ անոնց. «Դուք անոնց ուտելիք տուէք»։ Անոնք ալ ըսին. «Մենք հինգ նկանակէն ու երկու ձուկէն աւելի բան չունինք, եթէ չերթանք այդ բոլոր ժողովուրդին համար կերակուր չգնենք»։ 14 Քանզի հինգ հազարի չափ այր մարդիկ կային։ Ան ալ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ատոնք դաս դաս, յիսուն յիսուն, նստեցուցէք»։ 15 Այնպէս ըրին ու ամէնքն ալ նստեցուցին։ 16 Յիսուս հինգ նկանակը ու երկու ձուկը առաւ՝ դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց զանոնք ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն, որպէս զի ժողովուրդին առջեւ դնեն։ 17 Եւ կերան ու կշտացան ամէնքն ալ ու աւելցած կտորուանքները՝ տասներկու կողով՝ վերցուցին։

ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՍԻՆ

(Մատթ. 16։13-19, Մարկ. 8։27-29)

18 Օր մը, երբ ինք առանձին աղօթք կ’ընէր, աշակերտներն ալ իրեն հետ էին, հարցուց անոնց. «Ժողովուրդը ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ»։ 19 Անոնք ալ պատասխան տալով՝ ըսին. «Ոմանք՝ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ առաջուան մարգարէներէն մէկը, որ յարութիւն առեր է»։ 20 Ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ով կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ. «Աստուծոյ Քրիստոսը»։ 21 Յիսուս խիստ կերպով պատուիրեց անոնց, որ այս բանը մարդո՛ւ չըսեն։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մատթ. 16։20-28, Մարկ. 8։30–9։1)

22 Ու ըսաւ. «Պէտք է Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ, ծերերէն ու քահանայապետներէն եւ դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։ 23 Եւ ամենուն կ’ըսէր. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ 24 Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։ 25 Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ՝ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ կամ վնաս ընէ։ 26 Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը։ 27 Բայց ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս կայնողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։

ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

(Մատթ. 17։1-8, Մարկ. 9։1-7)

28 Այս խօսքերէն գրեթէ ութ օր ետքը՝ Պետրոսը ու Յովհաննէսը եւ Յակոբոսը առնելով, լեռը ելաւ աղօթք ընելու։ 29 Երբ ինք աղօթք կ’ընէր, իր երեսին տեսքը ուրիշ կերպ մը եղաւ եւ իր հագուստը ճերմակ ու փայլուն եղաւ։ 30 Ահա երկու մարդիկ իրեն հետ կը խօսէին, որոնք Մովսէսն ու Եղիան էին, 31 Փառքով երեւցած եւ անոր այս կեանքէն ելլելուն վրայով կը խօսէին, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուէր։ 32 Պետրոս եւ անոր հետ եղողները քունով ծանրացած էին, երբ արթնցան, տեսան անոր փառքը եւ այն երկու մարդիկը, որոնք անոր քով կեցեր էին։ 33 Երբ անոնք զատուեցան Յիսուսին քովէն, Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի եւ մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային», վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսէր։ 34 Երբ անիկա այս բաները կը խօսէր, ամպ մը եկաւ ու անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպին տակ մտած ատեննին վախցան։ 35 Ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։ 36 Երբ այն ձայնը լսեցին, Յիսուս մինակ մնաց։ Իրենք ալ լուռ կեցան եւ իրենց տեսածներէն այն օրերը մարդո՛ւ բան մը չպատմեցին։

ՅԻՍՈՒՍ ՉԱՐ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՂԱՅ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 17։14-17, Մարկ. 9։13-26)

37 Հետեւեալ օրը, երբ անոնք լեռնէն վար իջան, շատ ժողովուրդ անոր դէմը ելաւ։ 38 Ժողովուրդին մէջէն մարդ մը աղաղակեց ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, կ’աղաչեմ քեզի, նայէ իմ որդիիս, քանզի իմ մէկ հատիկս է. 39 Ոգի մը կը բռնէ զանիկա. տղաս ալ յանկարծ կը կանչվռտէ եւ ոգին զանիկա ցնցելով կը փրփրցնէ ու հազիւ կը զատուի անկէ՝ ջարդուբուրդ ընելով զանիկա։ 40 Քու աշակերտներուդ աղաչեցի որ հանեն զանիկա, բայց չկրցան»։ 41 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի համբերեմ։ Հո՛ս բեր քու որդիդ»։ 42 Երբ կը մօտենար, դեւը զանիկա գետինը զարկաւ ու սաստիկ ցնցեց։ 43 Իսկ Յիսուս սաստեց պիղծ ոգիին եւ բժշկեց տղան ու զանիկա իր հօրը տուաւ։ 44 Ամէնքը կը զարմանային Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն վրայ։

ՅԻՍՈՒՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մատթ. 17։21-22, Մարկ. 9։29-31)

Քանի որ ամէնքը կը զարմանային Յիսուսի ըրած բոլոր գործերուն վրայ, անիկա ըսաւ իր աշակերտներուն. «Դուք այս խօսքերը մի՛ մոռնաք, վասն զի Որդի մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը»։ 45 Բայց անոնք չէին իմանար այս խօսքը եւ անոնցմէ ծածկուած էր որպէս զի չհասկնան ու կը վախնային որ այն խօսքին համար իրեն հարցնեն։

Ո՞Վ Է ՄԵԾԸ

(Մատթ. 18։1-5, Մարկ. 9։32-36)

46 Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծ։ 47 Յիսուս անոնց սրտին խորհուրդը իմանալով՝ տղայ մը առաւ ու զանիկա իր քով կանգնեցուց 48 Եւ ըսաւ անոնց. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։

ՈՎ ՈՐ ՄԵԶԻ ԴԷՄ ՉԷ, ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է

(Մարկ. 9։37-39)

49 Եւ խօսեցաւ Յովհաննէս ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր եւ զանիկա արգիլեցինք, վասն զի մեզի հետ չի պտըտիր»։ 50 Յիսուս ըսաւ անոր. «Մի՛ արգիլէք, քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմէն է»։

ՍԱՄԱՐԻԱԿԱՆ ԳԻՒՂ ՄԸ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄՈՒՏՔԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ

51 Երբ իր աշխարհէն վերնալու օրերը մօտեցան, ինք ալ հաստատ որոշեց Երուսաղէմ երթալ։ 52 Եւ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք գացին, Սամարացիներուն մէկ գիւղը մտան որպէս զի իրեն համար պատրաստութիւն տեսնեն։ 53 Բայց չընդունեցին զանիկա, վասն զի անոր երեսը դէպի Երուսաղէմ շտկուած էր։ 54 Երբ իր աշակերտները, Յակոբոս ու Յովհաննէս, իմացան, ըսին անոր. «Տէ՛ր, կ’ուզե՞ս որ ըսենք ու երկնքէն կրակ իջնէ ու սատկեցնէ զանոնք, ինչպէս Եղիան ալ ըրաւ»։ 55 Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զանոնք՝ ըսելով. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ հոգիի տէր էք դուք. 56 Վասն զի Որդին մարդոյ չեկաւ մարդոց հոգիները կորսնցնելու, հապա փրկելու»։ Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԻՆՔՆԱԿՈՉ ՀԵՏԵՒՈԴՆԵՐԸ

(Մատթ. 8։19-22)

57 Երբ անոնք ճամբան կ’երթային, մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քու ետեւէդ գամ՝ ուր որ երթաս»։ 58 Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։

59 Ուրիշի մըն ալ ըսաւ. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր որ առաջ երթամ իմ հայրս թաղեմ»։ 60 Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր մեռելներուն որ թաղեն իրենց մեռելները, բայց դուն գնա՛ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ»։

61 Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես քու ետեւէդ պիտի գամ, բայց ինծի հրաման տուր որ առաջ իմ տանս մէջ եղողներուն հրաժարական ողջոյնս տամ»։ 62 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԸԵՐԿՈՒՔԸ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՂՐԿԷ

10 1 Այս բանէն ետքը Տէրը ուրիշ եօթանասունըերկուք ալ որոշեց եւ զանոնք իր առջեւէն երկու երկու ղրկեց բոլոր քաղաքները ու տեղերը ուր ինք պիտի երթար։ Եւ ըսաւ անոնց. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին։ Գացէք. ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ գառներ գայլերու մէջ։ Ձեզի հետ քսակ մի՛ առնէք, ո՛չ ալ պարկ եւ ո՛չ կօշիկներ ու ճամբան մարդու բարեւ մի՛ տաք։ Եւ ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘Բարեւ այս տանը’։ Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ, ապա թէ ոչ՝ ձեզի պիտի դառնայ։ Այն տանը մէջ մնացէք ու անոնց քով կերէք ու խմեցէք, վասն զի մշակը իր վարձքին արժանի է։ Տունէ տուն մի՛ փոխուիք։ Ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ ընդունին, ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք. Ու բժշկեցէք անոր մէջի հիւանդները եւ ըսէք անոնց. ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։ 10 Բայց ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ չընդունին, անոր հրապարակները ելլելով՝ ըսէք. 11 ‘Այն փոշին ալ որ ձեր քաղաքէն մեր ոտքերուն փակած է, ձեզի կը թօթուենք. միայն թէ այս գիտցէք, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։ 12 Ձեզի կ’ըսեմ թէ այն օրը Սոդոմին դատաստանը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ՝ քան թէ այն քաղաքին»։

ԱՆՀԱՒԱՏ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

(Մատթ. 11։20-24)

13 «Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի, Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները որոնք ձեր մէջ եղան, շատոնց քուրձով ու մոխիրի մէջ նստելով ապաշխարած պիտի ըլլային։ 14 Բայց դատաստանին օրը Տիւրոսին ու Սիդոնին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, քան թէ՝ ձեզի։ 15 Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես։ 16 Ան որ ձեզի մտիկ կ’ընէ, ինծի մտիկ կ’ընէ եւ ան որ ձեզ կը մերժէ, զիս կը մերժէ. եւ ան որ զիս կը մերժէ, զիս ղրկողը կը մերժէ»։

ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԸԵՐԿՈՒՔԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

17 Եօթանասունըերկու աշակերտները դարձան ուրախութեամբ ու ըսին. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։ 18 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի։ 19 Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու եւ թշնամիին բոլոր զօրութեանը վրայ կոխկռտելու ու բնաւ բան մը ձեզի պիտի չվնասէ։ 20 Բայց դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։

ՅԻՍՈՒՍ Կ’ՈՒՐԱԽԱՆԱՅ

(Մատթ. 11։25-27, 13։16-17)

21 Նոյն ժամուն Յիսուս Հոգիով ուրախացաւ ու ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։ Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։ 22 Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Որդին, բայց միայն Հայրը եւ թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել»։

23 Աշակերտներուն դառնալով՝ առանձին ըսաւ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն. 24 Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին»։

ԲԱՐԻ ՍԱՄԱՐԱՑԻԻՆ ԱՌԱԿԸ

25 Ահա օրինական մը ելաւ ու զանիկա փորձելով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ 26 Անիկա ալ ըսաւ անոր. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։ 27 Պատասխան տուաւ անիկա ու ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»։ 28 Ինք ըսաւ անոր. «Շիտակ պատասխան տուիր, ատիկա ըրէ ու պիտի ապրիս»։ 29 Իսկ օրինականը, ուզելով ինքզինք արդարացնել, ըսաւ Յիսուսին. «Բայց իմ ընկերս ո՞վ է»։ 30 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին։ 31 Պատահեցաւ որ քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։ 32 Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։ 33 Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց։ 34 Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։ 35 Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան հանեց՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. ‘Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ’։ 36 Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։ 37 Անիկա ըսաւ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։

ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՐԹԱՅԻՆ ՈՒ ՄԱՐԻԱՄԻՆ

38 Երբ անոնք կ’երթային, ինք գիւղ մը մտաւ եւ կին մը, Մարթա անունով, զանիկա իր տունը ընդունեց։ 39 Անիկա քոյր մը ունէր, որուն անունը Մարիամ էր, որ եկաւ Յիսուսին ոտքերուն քով նստաւ, անոր խօսքերը մտիկ կ’ընէր։ 40 Բայց Մարթա սպասաւորութիւնով շատ զբաղած էր։ Եկաւ անոր քով ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ»։ 41 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. 42 Բայց մէ՛կ բան պէտք է եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՂՕԹԵԼ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

(Մատթ. 6։9-13, 7։7-11)

11 1 Տեղ մը աղօթք կ’ընէր։ Երբ դադրեցաւ, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս իր աշակերտներուն սորվեցուց»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Երբ աղօթք կ’ընէք՝ ըսէք. ‘Ով Հայր մեր, որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ. Մեր ամէն օրուան հացը օրէ օր մեզի տուր Եւ մեզի ներէ մեր մեղքերը, քանզի մենք ալ կը ներենք այն ամենուն՝ որ մեզի պարտական են ու մեզ փորձութեան մի՛ տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ’»։

Եւ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, Վասն զի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու’։ Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. ‘Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ’։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’։ Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. 10 Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։ 11 Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. 12 Կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր։ 13 Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԲԷԵՂԶԵԲՈՒՂԸ

(Մատթ. 12։22-30, Մարկ. 3։20-27)

14 Յիսուս դեւ մը կը հանէր մէկէն՝ որ համր էր։ Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ եւ ժողովուրդը զարմացաւ։ 15 Բայց անոնցմէ մէկ քանիները ըսին. «Ատիկա դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցով դեւերը կը հանէ»։ 16 Ուրիշներ ալ փորձելով՝ երկնքէն նշան մը կ’ուզէին անկէ։ 17 Բայց Յիսուս գիտնալով անոնց խորհուրդները՝ ըսաւ անոնց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն դէմ բաժնուած՝ կ’աւերի եւ տուն մը իրեն դէմ բաժնուած՝ կը կործանի. 18 Հապա եթէ Սատանան իրեն դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ, որովհետեւ կ’ըսէք թէ Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ։ 19 Իսկ եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդինե՞րը ինչով կը հանեն։ Ուրեմն անոնք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։ 20 Բայց եթէ ես Աստուծոյ մատովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է։ 21 Երբ զօրաւոր մարդ մը զէնքերը վրան առած՝ իր տանը բակը պահպանէ, անոր բաները խաղաղութեան մէջ կը մնան. 22 Բայց երբ անկէ աւելի զօրաւորը գալով յաղթէ անոր, անոր զէնքերը կ’առնէ՝ որոնց ինք յուսացեր էր եւ անկէ առած կողոպուտը կը բաժնէ։ 23 Ան որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր՝ ցիրուցան կ’ընէ»։

ՉԱՐ ՈԳԻԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

(Մատթ. 12։43-45)

24 «Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղեր կը պտըտի, հանգստութիւն կը փնտռէ ու եթէ չգտնէ, կ’ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս՝ ուրկէ ելայ’։ 25 Եւ կու գայ, զանիկա մաքրուած ու յարդարուած կը գտնէ։ 26 Այն ատեն կ’երթայ եւ իրեն հետ կ’առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ՝ իրմէ աւելի չար ու մտնելով հոն կը բնակին եւ այն մարդուն վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ»։

ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

27 Երբ անիկա այս բաները կը խօսէր, ժողովուրդին մէջէն կին մը ձայնը վերցուց ու ըսաւ. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց եւ այն ծիծերուն՝ որոնք քեզի կաթ տուին»։ 28 Իսկ ինք ըսաւ. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։

ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ

(Մատթ. 12։38-42)

29 Երբ ժողովուրդը անոր վրայ կը դիզուէր, ինք ըսաւ. «Այս ազգը չար է. նշան կ’ուզէ, բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ 30 Քանզի ինչպէս Յովնան Նինուէցիներուն նշան եղաւ, այնպէս Որդին մարդոյ այս ազգին՝ պիտի ըլլայ։ 31 Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին մարդոցը դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասոնք, վասն զի երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս։ 32 Նինուէի մարդիկը դատաստանի օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանին քարոզութիւնով զղջացին եւ ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս»։

ՄԱՐՄՆԻՆ ՃՐԱԳԸ

33 «Մէկը ճրագը չի վառեր ու ծածուկ տեղ մը դներ, ո՛չ ալ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ 34 Մարմնին ճրագը աչքն է, ուստի երբ աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ ալ լուսաւոր կ’ըլլայ, բայց երբ աչքդ վատ է, մարմինդ ալ մութ կ’ըլլայ։ 35 Ուրեմն զգոյշ կեցիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ։ 36 Արդ՝ եթէ քու բոլոր մարմինդ լուսաւոր է եւ մութ մաս մը չունի, բոլորն ալ լուսաւոր կ’ըլլայ. ինչպէս երբ ճրագ մը իր փայլունութիւնովը քեզ լուսաւորէ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ԴՊԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ

(Մատթ. 23։1-36, Մարկ. 12։38-40)

37 Երբ այս բաները կը խօսէր, փարիսեցի մը կ’աղաչէր անոր, որ իր քով ճաշ ուտէ։ Անիկա ալ մտաւ եւ սեղան նստաւ։ 38 Փարիսեցին երբ տեսաւ, զարմացաւ, որ ճաշէն առաջ չլուացուեցաւ։ 39 Տէրը ըսաւ անոր. «Հիմա դուք՝ փարիսեցիներ, գաւաթին ու պնակին դուրսիդին կը մաքրէք, բայց ձեր ներսիդին յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։ 40 Ա՛նխելքներ, ան որ դուրսինը ըրաւ, ներսինն ալ ինք չըրա՞ւ։ 41 Սակայն անոնց մէջ եղածներէն ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր կ’ըլլայ ձեզի։ 42 Բայց վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։ 43 Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։ 44 Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր»։

45 Օրինականներէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, այդ խօսքերը ըսելով՝ մեզ ալ վար կը զարնես»։ 46 Անիկա ըսաւ. «Ձեզի ալ վա՜յ օրինականներուդ, որ տանելու դժուար բեռներ կը բեռցնէք մարդոց ու դուք ձեր մէկ մատով այն բեռներուն չէք դպչիր։ 47 Վա՜յ ձեզի, որ մարգարէներուն գերեզմաններ կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերը սպաննեցին զանոնք։ 48 Ուրեմն կը վկայէք եւ հաւանութիւն կու տաք ձեր հայրերուն ըրածներուն. վասն զի իրենք սպաննեցին զանոնք ու դուք անոնց գերեզմաններ կը շինէք։ 49 Անոր համար ալ Աստուծոյ իմաստութիւնը ըսաւ. ‘Պիտի ղրկեմ անոնց մարգարէներ ու առաքեալներ։ Անոնցմէ ոմանքը պիտի սպաննեն ու ոմանքը հալածեն, 50 Որպէս զի աշխարհի սկիզբէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը այս ազգէն պահանջուի։ 51 Աբէլին արիւնէն մինչեւ Զաքարիային արիւնը, որ սեղանին ու տաճարին մէջտեղ թափուեցաւ’. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ազգէն պիտի պահանջուի։ 52 Վա՜յ ձեզի օրինականներուդ, որ գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»։

53 Երբ այս բաները անոնց կ’ըսէր, դպիրներն ու փարիսեցիները սկսան խիստ նեղանալ եւ շատ բաներու վրայով անոր բերնէն խօսք փնտռել։ 54 Անոր դարան պատրաստելով, կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս անոր բերնէն բան մը որսան, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։

ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

(Մատթ. 10։26-27)

12 1 Այն միջոցին երբ բիւրաւոր ժողովուրդներ վրան ժողվուեցան՝ գրեթէ մէկզմէկ կը կոխէին՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ամենէն առաջ ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն։ Վասն զի բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ չգիտցուի։ Ուստի ինչ որ մութ տեղը ըսիք, անիկա լոյս տեղը պիտի լսուի եւ այն որ ներքին սենեակներու մէջ ականջի խօսեցաք, տանիքներու վրայ պիտի քարոզուի»։

ՈՐՄԷ՞ ՎԱԽՆԱԼ

(Մատթ. 10։28-31)

«Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս, կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին։ Հապա ձեզի ցուցնեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք. Անկէ վախցէք՝ որ սպաննելէ յետոյ իշխանութիւն ունի գեհեանը ձգելու։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք’։ Չէ՞ որ հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի եւ անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք»։

ՅԻՍՈՒՍԸ ԴԱՒԱՆԻԼ ԵՒ ՈՒՐԱՆԱԼ

(Մատթ. 10։32-33, 12։32, 10։19-20)

«Եւ ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն ով որ զիս կը դաւանի մարդոց առջեւ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա պիտի դաւանի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։ Բայց ան որ զիս մարդոց առջեւ կ’ուրանայ, ինքն ալ պիտի ուրացուի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ’։ 10 ‘Ամէն ով որ Որդի մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ան որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւն ընէ, պիտի չներուի անոր’։ 11 Երբ ձեզ ժողովարանները եւ իշխանութիւններու ու պետութիւններու առջեւ տանելու ըլլան, հոգ մի՛ ընէք թէ ի՞նչպէս կամ ի՞նչ պատասխան պիտի տաք, կամ ի՞նչ պիտի ըսէք, 12 Վասն զի Սուրբ Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի նոյն ժամուն՝ ինչ որ պէտք է խօսիլ»։

ԱՆՄԻՏ ՀԱՐՈՒՍՏԻՆ ԱՌԱԿԸ

13 Ժողովուրդին մէջէն մէկը ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։ 14 Ան ալ ըսաւ անոր. «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ»։ 15 Եւ աւելցուց. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։

16 Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին։ 17 Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր. ‘Ի՞նչ ընեմ, վասն զի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ’։ Եւ ըսաւ. 18 ‘Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս. 19 Եւ իմ անձիս ըսեմ. «Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր»’։ 20 Բայց Աստուած ըսաւ անոր. ‘Ա՛նմիտ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան’։ 21 Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։

ԱՍՏՈՒԾՈՑ ՎՍՏԱՀԻԼ

(Մատթ. 6։25-34)

22 Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք. 23 Վասն զի կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը՝ հագուստէն։ 24 Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի կ’արժէք թռչուններէն։ 25 Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ 26 Հապա եթէ ամենափոքր բանին կարող չէք, ուրիշ բաներու համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք։ 27 Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ։ 28 Ուստի եթէ խոտը, որ այսօր դաշտի մէջ է ու վաղը փուռը պիտի ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ 29 Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞նչ պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք. 30 Վասն զի այդ բոլոր բաները աշխարհիս ազգերը կը փնտռեն։ Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։ 31 Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։

ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԳԱՆՁԵՐԸ

32 «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ։ 33 Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքը եւ ողորմութիւն տուէք. ու ձեզի չհիննալու քսակներ պատրաստեցէք, ու երկինքը՝ չպակսելու գանձ մը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ’ապականէ։ 34 Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։

ԱՐԹՈՒՆ ԾԱՌԱՆԵՐԸ

35 «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։ 36 Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէս զի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։ 37 Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ինք գօտին մէջքը պիտի կապէ ու սեղան նստեցնէ զանոնք եւ առաջ անցնելով սպասաւորութիւն պիտի ընէ անոնց։ 38 Եթէ գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները։ 39 Բայց այս գիտցէք, թէ՝ եթէ տանտէրը գիտնար թէ ո՞ր ատեն գողը կու գայ, արթուն կը կենար ու թող չէր տար որ իր տունը ծակէ։ 40 Ուրեմն դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՆ

(Մատթ. 24։45-51)

41 Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, այդ առակը մե՞զի կ’ըսես թէ ամենուն ալ»։ 42 Տէրը ըսաւ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։ 43 Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։ 44 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։ 45 Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’ եւ սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել եւ ուտել ու խմել ու գինովնալ։ 46 Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը, որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամ մը, որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ պիտի դնէ։ 47 Այն ծառան որ իր տիրոջը կամքը գիտէ ու չի պատրաստուիր, ո՛չ ալ անոր կամքը ի գործ կը դնէ, շատ ծեծ պիտի ուտէ։ 48 Բայց ան որ չի գիտեր ու ծեծի արժանի բան մը ընէ, քիչ ծեծ պիտի ուտէ։ Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ եւ որու որ աւելի յանձնուեցաւ, ա՛լ աւելի պիտի պահանջուի անկէ»։

ՅԻՍՈՒՍ՝ ԲԱԺԱՆՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌ

(Մատթ. 10։34-36)

49 «Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ ու ի՞նչ կ’ուզեմ եթէ արդէն բորբոքած է։ 50 Բայց մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելու եւ ի՜նչպէս կը տագնապիմ մինչեւ կատարուի։ 51 Կը կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն ընելու եկայ. ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ո՛չ, հապա բաժանում’։ 52 Վասն զի ասկէ ետք մէկ տան մէջ հինգը իրարմէ բաժնուած պիտի ըլլան, երեքը՝ երկուքէն ու երկուքը՝ երեքէն։ 53 Հայրը պիտի բաժնուի որդիէն եւ որդին՝ հօրմէն, մայրը՝ աղջիկէն ու աղջիկը՝ մօրմէն, կեսուրը՝ իր հարսէն ու հարսը՝ իր կեսուրէն»։

ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՀԱՍԿՆԱԼ

(Մատթ. 16։2-3)

54 Ըսաւ ժողովուրդին. «Երբ արեւմուտքի կողմէն ամպ մը ելած տեսնէք, շուտ մը կ’ըսէք թէ ‘Անձրեւ պիտի գայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ 55 Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ’ըսէք թէ ‘Տաք պիտի ըլլայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ 56 Կե՛ղծաւորներ, երկրի ու երկնքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ»։

ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻԼ

(Մատթ. 5։25-26)

57 «Եւ ինչո՞ւ դուք ձեզմէ չէք որոշեր իրաւունքը։ 58 Երբ դուն քու ոսոխիդ հետ իշխանին երթալու ըլլաս, ճամբուն մէջ անկէ ազատուելու ջանք ըրէ, որ չըլլայ թէ քեզ դատաւորին առջեւ քաշէ ու դատաւորը դահիճին ձեռքը տայ քեզ ու դահիճն ալ բանտը դնէ։ 59 Քեզի կ’ըսեմ, բնաւ պիտի չելլես անկէ, մինչեւ վերջին լուման չվճարես»։

ՄԵՂՔԵՐԷՆ ԴԱՌՆԱԼ ԿԱՄ ՄԵՌՆԻԼ

13 1 Ոմանք այն ատեն ներկայ գտնուելով՝ պատմեցին անոր Գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը Պիղատոս իրենց զոհերուն հետ խառնեց։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը կարծէ՞ք թէ այն Գալիլիացիները բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որոնք այսպիսի բաներ քաշեցին։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Կամ թէ այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։

ԱՆՊՏՈՒՂ ԹԶԵՆԻԻՆ ԱՌԱԿԸ

Այս առակն ալ ըսաւ. «Մարդ մը իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր, եկաւ անկէ պտուղ քաղելու եւ չգտաւ։ Ուստի ըսաւ այգեպանին. ‘Ահա երեք տարի է, որ կու գամ այդ թզենիին վրայ պտուղ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ, ա՛լ ատիկա կտրէ, ինչո՞ւ համար գետինը խափանէ’։ Անիկա պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. ‘Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ ու թրիք դնեմ Եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ ատիկա’»։

ՅԻՍՈՒՍ ՇԱԲԱԹ ՕՐ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԿԻՆ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

10 Շաբաթ օրը ժողովարաններէն մէկուն մէջ կը սորվեցնէր։ 11 Հոն կին մը կար, որ հիւանդութեան ոգի մը ունէր տասնութ տարիէ ի վեր ու կծկտած էր եւ ամենեւին չէր կրնար շիտակ կայնիլ։ 12 Յիսուս զանիկա տեսնելով՝ իրեն կանչեց եւ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես»։ 13 Ու ձեռքը անոր վրայ դրաւ եւ իսկոյն շտկուեցաւ ու փառք կու տար Աստուծոյ։ 14 Ժողովարանին իշխանը բարկացաւ, որ Յիսուս շաբաթ օրը բժշկեց եւ ըսաւ ժողովուրդին. «Վեց օր կայ, որոնց մէջ կրնաք գործել. ուստի այն օրերը եկէք բժշկուեցէք, ոչ թէ շաբաթ օրը»։ 15 Այն ատեն Տէրը պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Կե՛ղծաւոր, ձեզմէ ամէն մէկը շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չա՞րձակեր, որպէս զի տանի ջուր տայ։ 16 Հապա ասիկա որ Աբրահամի աղջիկ էր, որ ահա տասնըութ տարի Սատանան զանիկա կապած էր, չէ՞ր վայլեր որ շաբաթ օրը այն կապէն արձակուի»։ 17 Երբ այս բանը ըսաւ, իրեն հակառակ կեցողները ամօթով մնացին ու բոլոր ժողովուրդը կ’ուրախանար այն ամէն փառաւոր գործերուն համար՝ որոնք ան կը կատարէր։

ՄԱՆԱՆԵԽԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 13։31-32, Մարկ. 4։30-32)

18 Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի կը նմանի, կամ ի՞նչ բանի նմանցնեմ անիկա։ 19 Մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ իր պարտէզը ձգեց եւ աճեցաւ ու մեծ ծառ մը եղաւ ու երկնքի թռչունները անոր ճիւղերուն վրայ բնակեցան»։

ԽՄՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 13։33)

20 Դարձեալ ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնեմ։ 21 Խմորի նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց, մինչեւ ամբողջը խմորուեցաւ»։

ՆԵՂ ԴՈՒՌԸ

(Մատթ. 7։13-14, 21-23)

22 Յիսուս քաղաքները ու գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։ Երբ դէպի Երուսաղէմ ճամբայ ելաւ, 23 Մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քիչուո՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին»։ 24 Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան։ 25 Անկէ յետոյ երբ տանտէրը ելլէ ու դուռը գոցէ եւ դուք դուրսը մնաք ու սկսիք դուռը զարնել եւ ըսել. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բաց մեզի’։ Ան ալ պատասխան տալով՝ պիտի ըսէ ձեզի. ‘Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք’։ 26 Այն ատեն պիտի սկսիք ըսել. ‘Մենք քու առջեւդ կերանք ու խմեցինք եւ դուն մեր փողոցներուն մէջ սորվեցուցիր’։ 27 Բայց անիկա պիտի ըսէ. ‘Ձեզի կ’ըսեմ, Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք. մէկդի կեցէք ինձմէ, բոլոր անիրաւութիւն գործողներդ’։ 28 Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել, երբ տեսնէք Աբրահամը ու Իսահակը եւ Յակոբը ու բոլոր մարգարէները Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ու դուք դուրս մնացած։ 29 Այնտեղ պիտի գան արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն ու պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ։ 30 Եւ պիտի գտնուին յետիններ՝ որոնք առաջիններ պիտի ըլլան ու առաջիններ՝ որոնք յետիններ պիտի ըլլան»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՍԷՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՆԴԷՊ

(Մատթ. 23։37-39)

31 Նոյն օրը մէկ քանի փարիսեցիներ եկան ու ըսին անոր. «Ելիր ու գնա՛ ասկէ, վասն զի Հերովդէս քեզ սպաննել կ’ուզէ»։ 32 Ինք ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, այն աղուէսին ըսէք, ահա ես դեւեր կը հանեմ ու բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր եւ վաղը ու երրորդ օրը պիտի լրացնեմ։ 33 Միայն թէ պէտք է որ այսօր ու վաղը եւ միւս օրը պտըտիմ, վասն զի կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս կորսուի։ 34 Ով Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ 35 Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ։ Սակայն ձեզի կ’ըսեմ, թէ Ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք, մինչեւ գայ այն ժամանակը, որ պիտի ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան, որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՒԱՆԴ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

14 1 Յիսուս շաբաթ օր մը փարիսեցիներուն գլխաւորներէն մէկուն տունը մտաւ հաց ուտելու, ուր անոնք իրեն կը սպասէին։ Հոն ջրգողեալ մարդ մը ելաւ իր առջեւը։ Յիսուս խօսեցաւ օրինականներուն ու փարիսեցիներուն՝ ըսելով. «Արժա՞ն է շաբաթ օրը բժշկել»։ Անոնք լուռ կեցան։ Ինք բռնեց զանիկա, բժշկեց ու ճամբեց. Եւ դառնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը եթէ հորը իյնայ, չի հաներ զանիկա շաբաթ օրը»։ Անոնք չկրցան պատասխան տալ։

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Առակ մը ըսաւ հրաւիրուած մարդոց ալ, երբ տեսաւ թէ ի՛նչպէս առաջին բազմոցները կ’ընտրէին. «Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր. չըլլայ թէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ, Եւ ան որ քեզ ու զանիկա հրաւիրեց, գայ ու ըսէ քեզի. ‘Ասոր տեղ տուր’ եւ անկէ յետոյ սկսիս ամօթով յետին տեղը բռնել։ 10 Հապա երբ հրաւիրուիս, գնա՛ յետին տեղը նստէ. որպէս զի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, քեզի ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, վեր հրամմէ’. այն ատեն քեզի հետ նստողներուն առջեւ քեզի փառք կ’ըլլայ։ 11 Վասն զի ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։

12 Զինք հրաւիրողին ալ ըսաւ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի՛ կանչեր քու բարեկամներդ, ո՛չ ալ քու եղբայրներդ եւ ո՛չ քու ազգականներդ, ո՛չ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն ու քեզի հատուցում ըլլայ։ 13 Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ 14 Ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել. քանզի արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»։

ՄԵԾ ԽՆՃՈՅՔԻՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 22։1-10)

15 Սեղան նստողներէն մէկը, երբ լսեց այս խօսքը, ըսաւ անոր. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ»։ 16 Ինք ըսաւ անոր. «Մարդ մը մեծ ընթրիք մը պատրաստեց ու շատ մարդիկ հրաւիրեց։ 17 Որոշուած ատենը ղրկեց իր ծառան, որպէս զի հրաւիրեալները կանչէ. ‘Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է’։ 18 Ամէնքը սկսան ետ քաշուիլ։ Առաջինը անոր ըսաւ. ‘Ես արտ մը ծախու առի ու պէտք է որ ելլեմ տեսնեմ զանիկա. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ 19 Միւսը ըսաւ. ‘Հինգ զոյգ եզ ծախու առի, կ’երթամ որ զանոնք փորձեմ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ’։ 20 Միւսը ըսաւ. ‘Կին առի, անոր համար չեմ կրնար գալ’։ 21 Ծառան եկաւ ու իր տիրոջը պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն բարկացաւ տանտէրը ու ըսաւ իր ծառային. ‘Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելի՛ր եւ աղքատներն ու պակասաւորները եւ կաղերն ու կոյրերը հոս մտցուր’։ 22 Պահ մը յետոյ ծառան եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, եղաւ ինչ որ հրամայեցիր, բայց տակաւին տեղ կայ’։ 23 Տէրը ըսաւ ծառային. ‘Ելի՛ր, ճամբաներն ու ցանկերը եւ գտածներդ ստիպէ որ հոս մտնեն, որպէս զի տունս լեցուի։ 24 Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ’»։

ԱՇԱԿԵՐՏ ԸԼԼԱԼՈՒ ԳԻՆԸ

(Մատթ. 10։37-38)

25 Իրեն հետ շատ ժողովուրդ կ’երթային եւ դառնալով անոնց՝ ըսաւ. 26 «Եթէ մէկը ինծի գայ, բայց չատէ իր հայրը եւ մայրը ու կինը եւ զաւակները ու եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ իր կեանքն ալ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։ 27 Ով որ իր խաչը չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։ 28 Վասն զի ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. 29 Որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զինք ծաղրել 30 Եւ ըսել թէ ‘Այս մարդը սկսաւ շինել ու չկրցաւ լմնցնել’։ 31 Կամ թէ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ։ 32 Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ։ 33 Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։

ԱՆԱՐԺԷՔ ԱՂԸ

(Մատթ. 5։13, Մարկ. 9։49)

34 «Աղը աղէկ բան է. բայց եթէ իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի համովնայ։ 35 Ո՛չ հողի ու ո՛չ թրիքի տեղ օգտակար կ’ըլլայ, հապա զանիկա դուրս կը նետեն։ Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐԸ

(Մատթ. 18։12-14)

15 1 Շատ մը մաքսաւորներ ու մեղաւորներ անոր կը մօտենային իրմէ լսելու համար։ Իսկ փարիսեցիներ ու դպիրներ տրտունջ կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ասիկա մեղաւորները կ’ընդունի ու անոնց հետ կ’ուտէ»։

Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, իննսունըինը չի ձգեր անապատին մէջ ու այն կորսուածին ետեւէն երթար, մինչեւ զանիկա գտնէ։ Ու երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա Եւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»։

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԴՐԱՄԸ

«Կամ թէ ո՞վ է այն կինը որ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր ու տանը մէջ աւել զարներ եւ զգուշութեամբ փնտռեր, մինչեւ գտնէ։ Ու երբ գտնէ, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսնցուցած դրամս գտայ’։ 10 Այնպէս ալ, ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։

ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻՆ

11 Ապա ըսաւ. «Մարդ մը երկու որդի ունէր. 12 Անոնցմէ պզտիկը հօրը ըսաւ. ‘Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի իյնալու բաժինը տուր ինծի’։ Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը։ 13 Շատ օրեր չանցած՝ պզտիկ որդին բոլոր բաները հաւաքեց, հեռու երկիր մը գնաց եւ հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց։ 14 Բոլոր ունեցածը հատցուցած էր, երբ երկրին մէջ սաստիկ սով մը եղաւ ու ինք չքաւոր դարձաւ։ 15 Ուստի գնաց այն երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ։ Ան ալ իր ագարակը ղրկեց զանիկա՝ խոզեր արածելու համար։ 16 Հոն կը փափաքէր խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց մէ՛կը չէր տար անոր։ 17 Այն ատեն ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. ‘Քանի՜ բանուորներ կան իմ հօրս տունը հացով լեցուած, ես հոս սովամահ կը կորսուիմ։ 18 Ելլեմ, երթամ իմ հօրս եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ, 19 Ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու, զիս քու վարձկաններէդ մէկուն պէս ըրէ»’։ 20 Ու ելաւ իր հօրը գնաց։ Մինչդեռ ինք շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա։ 21 Որդին ալ ըսաւ անոր. ‘Հա՜յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու’։ 22 Բայց հայրը ըսաւ իր ծառաներուն. ‘Հանեցէք առաջին պատմուճանը ու հագցուցէք անոր եւ մատանի դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ՝ անոր ոտքերը 23 Եւ պարարտ զուարակը բերէք, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախ ըլլանք. 24 Վասն զի այս իմ որդիս մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ’։ Սկսան ուրախութիւն ընել։ 25 Անոր մեծ որդին ագարակն էր, երբ եկաւ ու տանը մօտեցաւ, նուագարաններու եւ պարերու ձայն լսեց։ 26 Ծառաներէն մէկը իրեն կանչելով՝ հարցուց, թէ ‘Այս ի՞նչ է’։ 27 Անիկա ալ ըսաւ անոր. ‘Եղբայրդ եկաւ ու հայրդ պարարտ զուարակը մորթեց, վասն զի ողջ առողջ ձեռք ձգեց զանիկա’։ 28 Իսկ ինք բարկացաւ ու չէր ուզեր ներս մտնել, ուստի իր հայրը դուրս ելլելով կ’աղաչէր անոր։ 29 Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ հօրը. ‘Ահա այսչափ տարի է, որ քեզի կը ծառայեմ ու բնաւ քու խօսքէդ դուրս չելայ ու ինծի երբեք ուլ մը չտուիր, որ իմ բարեկամներուս հետ ուրախութիւն ընէի։ 30 Բայց երբ եկաւ այդ քու որդիդ, որ քու ստացուածքդ բոզերու հետ կերաւ, անոր մորթեցիր պարարտ զուարակը’։ 31 Եւ հայրը ըսաւ անոր. ‘Որդեակ, դուն միշտ ինծի հետ ես ու իմ բոլոր ունեցածս քուկդ է։ 32 Սակայն պէտք է ուրախ ըլլալ եւ խնդալ, վասն զի այս քու եղբայրդ մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ’»։

ԽՈՐԱՄԱՆԿ ՏՆՏԵՍԸ

16 1 Իր աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Հարուստ մարդ մը կար, որ տնտես մը ունէր։ Անոր վրայ գանգատ եղաւ իրեն՝ որպէս թէ իր ունեցածը կը փճացնէ։ Ուստի կանչեց զանիկա ու ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչ է այս որ քեզի համար կը լսեմ։ Քու տնտեսութեանդ հաշիւը տուր, վասն զի ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ’։ Տնտեսը իր մտքին մէջ ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ իմ տէրս տնտեսութիւնը ինձմէ կ’առնէ. հողագործութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ’ամչնամ։ Գիտեմ ի՛նչ պիտի ընեմ, որպէս զի երբ իմ տնտեսութենէս հանուիմ, զիս իրենց տունը ընդունին’։ Իր տիրոջը պարտականները մէկիկ մէկիկ իրեն կանչելով՝ ըսաւ առաջինին. ‘Դուն իմ տիրոջս ո՞րչափ պարտք ունիս’։ Ան ալ ըսաւ. ‘Հարիւր մար ձէթ’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ ու շուտով նստէ յիսուն գրէ’։ Ետքը միւսին ըսաւ. ‘Դո՞ւն որչափ պարտք ունիս’։ Անիկա ըսաւ. ‘Հարիւր քոռ ցորեն’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ եւ ութսուն գրէ’։ Տէրը անիրաւ տնտեսը գովեց, որ խելացութիւնով ըրաւ. վասն զի այս աշխարհին որդիները իրենց ցեղին մէջ՝ լուսոյ որդիներէն աւելի խելացի են։ Ես ալ ձեզի կ’ըսեմ. ‘Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին’։ 10 Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ։ 11 Ուստի եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի հաւատայ ձեզի։ 12 Եթէ օտարին բանին մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ձերը ո՞վ պիտի տայ ձեզի։ 13 Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐԸ

(Մատթ. 11։12-13, 5։31-32, Մարկ. 10։11-12)

14 Փարիսեցիներն ալ, որոնք արծաթասէր էին, այս ամէնը լսելով կը քամահրէին զանիկա։ 15 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք էք որ մարդոց առջեւ ինքզինքնիդ կ’արդարացնէք, բայց Աստուած գիտէ ձեր սրտերը. վասն զի մարդոց մէջ բարձր եղածը Աստուծոյ առջեւ պիղծ է։ 16 Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի եւ ամէն մէկը անոր մէջ մտնելու կ’արտորայ։ 17 Աւելի դիւրին է, որ երկինք ու երկիր անցնին, քան թէ օրէնքէն մէկ նշանագիր իյնայ։ 18 Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ եւ ով որ էրիկէն արձակուած կին մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։

ԱՂՔԱՏ ՂԱԶԱՐՈՍԸ

19 «Հարուստ մարդ մը կար, որ ծիրանի ու բեհեզ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւորապէս ուրախութիւն կ’ընէր։ 20 Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար վէրքերով լեցուն, որ անոր դրանը առջեւ դրուած էր։ 21 Ան կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել։ Շուները կու գային եւ անոր վէրքերը կը լզէին։ 22 Աղքատը մեռաւ ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զանիկա։ Հարուստն ալ մեռաւ ու թաղուեցաւ։ 23 Երբ դժոխքը՝ տանջանքի մէջ էր հարուստը՝ իր աչքերը վերցնելով հեռուէն տեսաւ Աբրահամը ու Ղազարոսը անոր գոգը հանգիստ նստած։ 24 Այն ատեն աղաղակեց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ ինծի ու ղրկէ Ղազարոսը, որպէս զի իր մատին ծայրը ջուրը թաթխէ ու զովացնէ իմ լեզուս, վասն զի այս բոցին մէջ կը տանջուիմ’։ 25 Աբրահամ ըսաւ. ‘Ո՛րդեակ, միտքդ բեր, որ դուն քու կեանքիդ մէջ քու բարիքներդ առիր, նոյնպէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա անիկա [հոս] կը մխիթարուի ու դուն կը տանջուիս։ 26 Այս ամէն բաներէն զատ՝ մեր ու ձեր մէջտեղ մեծ անդունդ մը կայ հաստատուած, որպէս զի ձեզի անցնիլ ուզողները չկրնան, ոչ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները՝ անցնին’։ 27 Ան ալ ըսաւ. ‘Ուրեմն կ’աղաչեմ քեզի, հա՛յր, որ զանիկա իմ հօրս տունը ղրկես, 28 Քանզի հինգ եղբայր ունիմ, որպէս զի երթայ անոնց վկայութիւն տայ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ այս չարչարանքին տեղը գան’։ 29 Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Անոնք Մովսէսն ու մարգարէները ունին, թող անոնց մտիկ ընեն’։ 30 Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, հա՛յր Աբրահամ, հապա եթէ մեռելներէն մէկը անոնց երթայ, պիտի ապաշխարեն’։ 31 Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Եթէ Մովսէսին ու մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, ուրեմն մեռելներէն մէկը յարութիւն առնելու ալ ըլլայ, պիտի չհամոզուին’»։

ՄԵՂՔ

(Մատթ. 18։6-7, 21-22, Մարկ. 9։41)

17 1 Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գան։ Աւելի աղէկ է, որ անոր պարանոցէն իշու ջաղացքի քար մը կախուի ու ծովը ձգուի, քան թէ այս պզտիկներէն մէկը գայթակղեցնէ։ Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։ Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ. ‘Կ’ապաշխարեմ’, պէտք է ներես անոր»։

ՀԱՒԱՏՔ

Առաքեալները ըսին Տէրոջը. «Մեր հաւատքը աւելցուր»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել. ‘Արմատաքի խլուէ ու ծովուն մէջ տնկուէ’, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի»։

ԾԱՌԱՅԻ ՄԸ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Բայց ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ ունենայ երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, որ անիկա երբ ագարակէն տուն մտնէ, շուտով ըսէ անոր թէ՝ ‘Անցիր սեղան նստէ’։ Հապա չը՞սեր անոր թէ՝ ‘Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ’։ Միթէ շնորհակա՞լ կ’ըլլայ այն ծառային, իրեն հրամայուած բաները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։ 10 Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍԸ ԲՈՐՈՏ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

11 Երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’երթար, Սամարիայի եւ Գալիլիայի մէջտեղէն անցաւ։ 12 Երբ գիւղ մը պիտի մտնէր, տասը բորոտ մարդիկ հանդիպեցան անոր, որոնք հեռուն կայնեցան, 13 Ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։ 14 Տեսնելով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք»։ Երբ կ’երթային, մաքրուեցան։ 15 Անոնցմէ մէկը, երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, ետ դարձաւ ու մեծ ձայնով փառք կու տար Աստուծոյ 16 Ու երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ’ըլլար անոր։ Ինք Սամարացի էր։ 17 Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ 18 Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային»։ 19 Եւ ըսաւ անոր. «Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

(Մատթ. 24։23-28, 37-41)

20 Երբ փարիսեցիները իրեն հարցուցին՝ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ», պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար։ 21 Օր մըն ալ պիտի չըսեն թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսիդին է»։

22 Աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Օրեր պիտի գան երբ դուք Որդի մարդոյ օրերէն մէկը տեսնելու պիտի փափաքիք ու պիտի չտեսնէք։ 23 Եւ եթէ ըսեն ձեզի թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, մի՛ երթաք ու անոնց մի՛ հետեւիք։ 24 Վասն զի ինչպէս փայլակը երկնքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով՝ մինչեւ երկնքի տակ միւս դին լոյս կու տայ, նոյնպէս պիտի ըլլայ Որդին մարդոյ իր գալուն օրը։ 25 Միայն թէ պէտք է որ ինք առաջ չարչարանքներ կրէ ու մերժուի այս ազգէն. 26 Ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ։ 27 Կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին, էրկան կը տրուէին, մինչեւ այն օրը՝ որ Նոյ տապանը մտաւ եւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը կորսնցուց։ 28 Նմանապէս՝ ինչպէս Ղովտին օրերը եղաւ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին. 29 Բայց այն օրը երբ Ղովտ Սոդոմէն ելաւ, երկնքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բոլորն ալ կորսնցուց։ 30 Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի։ 31 Այն օրը ան որ տանիքին վրայ է եւ իր կարասիները տանը մէջ, թող վար չիջնէ զանոնք առնելու եւ ան որ արտին մէջ է, նոյնպէս թող ետ չդառնայ։ 32 Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը։ 33 Ով որ իր կեանքը կ’ուզէ ապրեցնել՝ պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ կը կորսնցնէ՝ պիտի ապրեցնէ զանիկա։ 34 Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Այն գիշերը եթէ երկու հոգի մէկ անկողնի մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. 35 Եւ եթէ երկու կին մէկտեղ աղալու ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. եւ եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի’»։ 36  37 17։36 Պատասխան տալով՝ ըսին անոր. «Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի ըլլայ այս բանը»։ 17։37 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ուր մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները»։

ՈՐԲԵՒԱՅՐԻԻՆ ԵՒ ԴԱՏԱՒՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ

18 1 Անոնց առակ մըն ալ ըսաւ այս բանին վրայով՝ թէ պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ։ Ըսաւ. «Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար։ Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբեւայրի մըն ալ կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր. ‘Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս’։ Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար, Գոնէ այս որբեւայրիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չգայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’»։ Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։

ՓԱՐԻՍԵՑԻԻՆ ԵՒ ՄԱՔՍԱՒՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ

Մէկ քանիներուն՝ որոնք իրենց անձերուն վրայ կը վստահէին՝ թէ արդար են եւ ուրիշները կ’անարգէին՝ այս առակը ըսաւ. 10 «Երկու մարդ գացին տաճարը՝ աղօթք ընելու։ Մէկը փարիսեցի ու միւսը՝ մաքսաւոր։ 11 Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. ‘Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս, 12 Հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ’։ 13 Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’։ 14 Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ Կ’ՕՐՀՆԷ

(Մատթ. 19։13-15, Մարկ. 10։13-16)

15 Մանր տղաք ալ բերին իրեն, որպէս զի անոնց դպչի։ Աշակերտները տեսնելով՝ կը յանդիմանէին զանոնք։ 16 Բայց Յիսուս զանոնք իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ 17 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։

ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴԸ

(Մատթ. 19։16-30, Մարկ. 10։17-31)

18 Իշխան մը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ 19 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ 20 Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպանութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ 21 Ան ալ ըսաւ. «Ատոնք մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։ 22 Այս լսելով Յիսուս ըսաւ անոր. «Բան մը պակաս է քեզի. քու բոլոր ունեցածդ ծախէ եւ աղքատներուն բաշխէ ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ 23 Անիկա երբ այս բանը լսեց, տրտմեցաւ, վասն զի շատ հարուստ էր։ 24 Յիսուս, երբ զանիկա տրտմած տեսաւ, ըսաւ. «Որչա՜փ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին։ 25 Քանզի աւելի դիւրին է, որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ 26 Անոնք, որ լսեցին, ըսին. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ 27 Ինք ըսաւ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են»։ 28 Պետրոս ըսաւ. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։ 29 Անիկա ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մարդ մը չկայ որ թողու տուն, կամ ծնողք, կամ եղբայրներ, կամ կին, կամ որդիներ Աստուծոյ թագաւորութեանը համար, 30 Եւ բազմապատիկը չառնէ այս աշխարհին մէջ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մատթ. 20։17-19, Մարկ. 10։32-34)

31 Տասներկուքը իր քով առնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ահա մենք Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ մարգարէներուն ձեռքով Որդի մարդոյ համար բոլոր գրուածները պիտի կատարուին։ 32 Վասն զի հեթանոսներուն պիտի մատնուի ու ծաղր պիտի ըլլայ եւ պիտի նախատուի ու պիտի թքնեն անոր վրայ 33 Եւ պիտի ծեծեն ու սպաննեն զանիկա, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ 34 Անոնք այս բաներէն մէկն ալ չհասկցան։ Ու այս խօսքը անոնցմէ ծածկուած էր եւ ըսած բաները չէին իմանար։

ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՅՐ ՄՈՒՐԱՑԻԿԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

(Մատթ. 20։29-34, Մարկ. 10։46-52)

35 Օր մը երբ ինք Երիքովի կը մօտենար, կոյր մը ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։ 36 Երբ լսեց բազմութեանը անցնիլը, հարցուց թէ ‘Ի՞նչ է այն’։ 37 Իրեն ըսին թէ ‘Յիսուս Նազովրեցին կ’անցնի’։ 38 Ան ալ աղաղակեց ու ըսաւ. «Յիսո՛ւս, Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ ինծի»։ 39 Անոնք որ առջեւէն կ’երթային, կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ, բայց անիկա ա՛լ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։ 40 Յիսուս կանգ առնելով՝ հրաման ըրաւ որ զանիկա իրեն բերեն ու երբ անիկա մօտեցաւ, հարցուց անոր ու ըսաւ. 41 «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Տէր, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։ 42 Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող բացուին. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ 43 Եւ իսկոյն անոր աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն կ’երթար եւ փառք կու տար Աստուծոյ։ Բոլոր ժողովուրդն ալ տեսնելով՝ Աստուած կը գովաբանէին։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԶԱՔԷՈՍ

19 1 Օր մը Յիսուս Երիքովի մէջէն կ’անցնէր։ Ահա մարդ մը, Զաքէոս անունով, որ մաքսապետ ու հարուստ էր, Կ’ուզէր տեսնել թէ ո՞վ է Յիսուսը։ Բազմութենէն չէր կրնար, վասն զի հասակով կարճ էր։ Ուստի յառաջ վազեց ու ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէս զի զանիկա տեսնէ, քանի որ անկէ պիտի անցնէր։ Երբ Յիսուս այն տեղը եկաւ, վեր նայելով զանիկա տեսաւ ու ըսաւ անոր. «Զա՛քէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ»։ Ան ալ արտորալով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց զանիկա։ Երբ ամէնքն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ’ըսէին թէ՝ ‘Մեղաւոր մարդու քով մտաւ իջեւան ընելու’։ Զաքէոս կայնեցաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է։ 10 Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ»։

ՄՆԱՍՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 25։14-30)

11 Երբ անոնք այս բաները կը լսէին, առակ մըն ալ ըսաւ իր Երուսաղէմ մօտենալուն եւ անոնց այնպէս կարծելուն համար թէ՝ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի։ 12 Ուստի ըսաւ. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու։ 13 Իր տասը ծառաները կանչելով՝ իւրաքանչիւրին տասը մնաս տուաւ ու ըսաւ անոնց. ‘Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ’։ 14 Անոր քաղաքացիները զանիկա կ’ատէին ու դեսպաններ ղրկեցին անոր ետեւէն, ըսելով թէ՝ ‘Չենք ուզեր որ ատիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ’։ 15 Բայց երբ անիկա թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ, իրեն կանչեց այն ծառաները, որոնց ստակը տուեր էր, որպէս զի գիտնայ թէ՝ ո՞վ ինչ շահ ըրած է։ 16 Առաջինը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ’։ 17 Տէրը ըսաւ անոր. ‘Ապրի՛ս, բարի ծառայ. որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր’։ 18 Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ’։ 19 Եւ ըսաւ անոր. ‘Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր’։ 20 Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, ահա քու մնասդ՝ որ թաշկինակի մը մէջ ծրարած կը պահէի. 21 Քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես’։ 22 Անիկա ըսաւ անոր. ‘Քու բերնովդ քեզ պիտի դատեմ, ո՛վ չար ծառայ. գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ, 23 Ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա’։ 24 Հոն կայնողներուն ըսաւ. ‘Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի’. 25 Եւ ըսին իրեն, ‘Տէ՛ր, անիկա տասը մնաս ունի’. 26 ‘Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ 27 Բայց իմ այն թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք ու իմ առջեւս սպաննեցէք’»։ 28 Այս բաները խօսելէն յետոյ՝ յառաջ գնաց Երուսաղէմ երթալու։

ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

(Մատթ. 21։1-11, Մարկ. 11։1-11, Յովհ. 12։12-19)

29 Երբ Բեթփագէի ու Բեթանիայի մօտեցաւ՝ դէպի այն լեռը որ Ձիթենեաց լեռ կը կոչուի, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց 30 Եւ ըսաւ. «Գացէք մեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ բնաւ մարդ նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։ 31 Եթէ մէկը ձեզի հարցնէ թէ ‘Ինչո՞ւ կ’արձակէք’, ըսէք անոր թէ ‘Տէրոջը պէտք է’»։ 32 Գացին անոնք որ ղրկուեցան, ինչպէս իրենց ըսած էր՝ գտան։ 33 Երբ աւանակը կ’արձակէին, անոր տէրերը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ կ’արձակէք այդ աւանակը»։ 34 Անոնք ալ ըսին. «Տէրոջը պէտք է»։ 35 Զանիկա Յիսուսին բերին ու իրենց հանդերձները աւանակին վրայ ձգելով՝ Յիսուսը հեծցուցին։ 36 Երբ կ’երթար, իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին։ 37 Երբ աւելի մօտեցաւ եւ Ձիթենեաց լերան զառիվայրէն կ’իջնէր, աշակերտներուն բոլոր բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ Աստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար որոնք տեսեր էին. 38 Ու կ’ըսէին. «Օրհնեալ է թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. երկնքի մէջ խաղաղութիւն ու փառք՝ բարձրութեան մէջ»։ 39 Բազմութեանը մէջէն փարիսեցիներէն մէկ քանիները ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ»։ 40 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։

ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՒ ԼԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎՐԱՅ

41 Երբ մօտեցաւ, քաղաքը տեսնելով՝ լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ. 42 «Գոնէ այս քու օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ քու աչքերէդ։ 43 Վասն զի օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն 44 Եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ, քանի որ չճանչցար քու այցելութեանդ ժամանակը»։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԸ Կ’ԵՐԹԱՅ

(Մատթ. 21։12-17, Մարկ. 11։15-19, Յովհ. 2։13-22)

45 Եւ տաճարը մտնելով՝ սկսաւ դուրս հանել անոր մէջ ծախողները եւ գնողները 46 Եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ՝ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն է’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։

47 Ամէն օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր եւ քահանայապետներն ու դպիրները եւ ժողովուրդին գլխաւորները կ’ուզէին կորսնցնել զանիկա։ 48 Բայց բան չէին կրնար ընել, վասն զի բոլոր ժողովուրդը անոր կապուեր էր մտիկ ընելու։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 21։23-27, Մարկ. 11։27-33)

20 1 Օր մը, երբ տաճարին մէջ ժողովուրդին կը սորվեցնէր եւ աւետարանը կը քարոզէր, քահանայապետներն ու դպիրները ծերերուն հետ մէկտեղ վրայ հասան Եւ անոր հետ խօսեցան՝ ըսելով. «Ըսէ մեզի, ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները. կամ ո՞վ է այդ իշխանութիւնը քեզի տուողը»։ Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ եւ ըսէք ինծի. ‘Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկնքէ՞ն էր թէ մարդոցմէ’»։ Անոնք իրենց մէջ խորհեցան ու ըսին. «Եթէ ըսենք՝ ‘Երկնքէն’, պիտի ըսէ, ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’. իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ’, բոլոր ժողովուրդը մեզ պիտի քարկոծեն, վասն զի հաստատ համոզուած էին թէ՝ Յովհաննէս մարգարէ էր»։ Պատասխան տուին թէ չեն գիտեր ուրկէ՛ էր։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։

ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

(Մատթ. 21։33-46, Մարկ. 12։1-12)

Յիսուս այս առակը ըսաւ ժողովուրդին. «Մարդ մը այգի տնկեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր երթալով՝ շատ ժամանակ մնաց։ 10 Ատենին՝ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի այգիին պտուղէն անոր տան. իսկ մշակները ծեծեցին զանիկա ու պարապ ճամբեցին։ 11 Ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց. անոնք զանիկա ալ ծեծեցին, անարգեցին ու պարապ ճամբեցին։ 12 Երրորդ մըն ղրկեց. անոնք զանիկա ալ վիրաւորեցին ու դուրս հանեցին։ 13 Այն ատեն այգիին տէրը ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, իմ սիրելի որդիս ղրկեմ, թերեւս զանիկա տեսնելով ամչնան’։ 14 Բայց մշակները երբ տեսան զանիկա, իրարու հետ խորհուրդ ըրին՝ ըսելով. ‘Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք զանիկա սպաննենք, որպէս զի ժառանգութիւնը մեզի մնայ’։ 15 Զանիկա այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին։ Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ անոնց։ 16 Պիտի գայ ու կորսնցնէ այն մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ»։ 17 Երբ այս լսեցին, ըսին. «Քա՛ւ լիցի»։ Ինք անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Հապա ի՞նչ է այս գրուածը, թէ ‘Այն քարը որ շինողները մերժեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ 18 Ամէն ով որ այն քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ, պիտի փսորէ զանիկա»։ 19 Քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս նոյն ժամուն ձեռք զարնեն անոր, բայց ժողովուրդէն վախցան. քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ։

ՏՈՒՐՔ ՎՃԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 22։15-22, Մարկ. 12։13-17)

20 Ետքը յարմար ատենի սպասելով, ղրկեցին քանի մը խաբեբայ մարդիկ, որոնք կեղծաւորութեամբ ինքզինքնին արդար կը ձեւացնէին, որպէս զի զանիկա խօսքով բռնեն՝ տէրութեան եւ կուսակալին իշխանութեանը մատնելու համար։ 21 Անոր հարցուցին՝ ըսելով. «Վա՛րդապետ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ աչառութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես։ 22 Օրինաւո՞ր է կայսրին տուրք տալը»։ 23 Յիսուս անոնց խորամանկութիւնը հասկնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ 24 Ցուցուցէք ինծի դահեկան մը։ Որո՞ւն պատկերը ու գիրը կան վրան»։ Պատասխան տուին ու ըսին. «Կայսրին»։ 25 Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ 26 Եւ չկրցան զանիկա խօսքով մը բռնել ժողովուրդին առջեւ ու զարմանալով անոր պատասխանին վրայ՝ լուռ կեցան։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 22։23-33, Մարկ. 12։18-27)

27 Սադուկեցիներէն ոմանք եկան, որոնք կ’ըսէին թէ յարութիւն չկայ, եւ անոր հարցուցին՝ 28 Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս մեզի գրեց. ‘Եթէ մէկուն եղբայրը ամուսնանայ ու մեռնի ու մեռած ատենը զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ այն կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ 29 Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին մը առնելով՝ զաւակ չունեցած մեռաւ։ 30 Երկրորդն ալ առաւ այն կինը եւ ինք ալ մեռաւ առանց զաւակի։ 31 Երրորդն ալ առաւ զանիկա. նմանապէս եօթն ալ ու զաւակ չձգեցին ու մեռան։ 32 Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ 33 Ուրեմն յարութեան ատենը անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ, վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։ 34 Յիսուս պատասխան տալով անոնց՝ ըսաւ. «Այս աշխարհին որդիները կին կ’առնեն ու էրկան կը տրուին։ 35 Բայց անոնք որ արժանի պիտի ըլլան մեռելներէն յարութիւն առնելու ու այն աշխարհը հասնելու, ո՛չ կին պիտի առնեն եւ ո՛չ էրկան պիտի տրուին. 36 Որովհետեւ ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ. քանզի հրեշտակներուն հաւասար են ու Աստուծոյ որդիներ եւ յարութեան որդիներ են։ 37 Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելը Մովսէս ալ իմացուց մորենիին պատմութեանը մէջ, երբ կը կոչէ. ‘Տէրը՝ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը եւ Յակոբին Աստուածը’։ 38 Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են»։ 39 Դպիրներէն մէկ քանին պատասխան տուին ու ըսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ ըսիր»։ 40 Ու ա՛լ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։

ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՀԱՐՑԸ

(Մատթ. 22։41-46, Մարկ. 12։35-37)

41 Բայց ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։ 42 Երբ Դաւիթ սաղմոսներու գրքին մէջ կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ իմ աջ կողմս, 43 Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»’։ 44 Ուրեմն քանի որ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա իր որդին կ’ըլլայ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԴՊԻՐՆԵՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

(Մատթ. 23։1-36, Մարկ. 12։38-40)

45 Բոլոր ժողովուրդին առջեւ ըսաւ իր աշակերտներուն. 46 «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը սիրեն ու ժողովարաններուն մէջ՝ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները. 47 Անոնք որբեւայրիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն. անոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։

ՈՐԲԵՒԱՅՐԻԻՆ ՆՈՒԷՐԸ

(Մարկ. 12։41-44)

21 1 Յիսուս տեսաւ հարուստներ, որոնք իրենց ընծաները գանձանակը կը ձգէին։ Տնանկ որբեւայրի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց։ Ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւայրին ամենէն աւելի ձգեց. Վասն զի անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց»։

ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ԱՒԵՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

(Մատթ. 24։1-2, Մարկ. 13։1-2)

Երբ մէկ քանիները տաճարին համար կ’ըսէին թէ՝ ‘Գեղեցիկ քարերով ու նուէրներով զարդարուած է’, Ըսաւ. «Այդ բաները որոնք կը տեսնէք, օրեր պիտի գան երբ քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ որ չքակուի»։

ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐ

(Մատթ. 24։3-14, Մարկ. 13։3-13)

Հարցուցին իրեն ու ըսին. «Վա՛րդապետ, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ է նշանը՝ երբ այդ բաները պիտի ըլլան»։ Ան ալ ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, չխաբուիք, վասն զի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ՝ ‘Ես եմ Քրիստոսը ու ժամանակը մօտեցած է’. ուստի անոնց ետեւէն մի՛ երթաք։ Բայց երբ լսէք պատերազմներ եւ խռովութիւններ, մի՛ վախնաք, վասն զի պէտք է առաջ այդ բաները ըլլան, բայց վախճանը իսկոյն չէ»։ 10 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ. 11 Եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ, նաեւ երկնքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան։ 12 Բայց այս բաներէն առաջ իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն ու հալածեն եւ ժողովարաններու ու բանտերու պիտի մատնեն եւ իմ անուանս համար թագաւորներու ու կուսակալներու առջեւ պիտի տարուիք։ 13 Եւ այս բաները վերջը ձեզի վկայութիւն պիտի ըլլան։ 14 Ուստի ձեր սրտին մէջ դրէք՝ որ առաջուընէ չմտածէք պատասխան տալու վրայով։ 15 Վասն զի ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները։ 16 Պիտի մատնուիք ծնողներէ ու եղբայրներէ եւ ազգականներէ ու բարեկամներէ ու ձեզմէ ոմանքը պիտի սպաննուին։ 17 Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. 18 Բայց մազ մը ձեր գլխէն պիտի չկորսուի։ 19 Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։

ՅԻՍՈՒՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՒԵՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

20 «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ 21 Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ։ 22 Վասն զի այն օրերը՝ վրէժխնդրութեան օրեր են, որպէս զի բոլոր գրուածները կատարուին։ 23 Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն, վասն զի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ երկրի վրայ ու բարկութիւն պիտի գայ այս ժողովուրդին վրայ։ 24 Եւ սուրի բերնով պիտի իյնան ու բոլոր ազգերուն մէջ գերի պիտի տարուին ու Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն ժամանակները լմննան»։

ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

(Մատթ. 24։29-31, Մարկ. 13։24-27)

25 «Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան. 26 Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 27 Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ 28 Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։

ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ

(Մատթ. 24։32-35, Մարկ. 13։28-31)

29 Առակ մը ըսաւ անոնց. «Տեսէք թզենին ու բոլոր ծառերը։ 30 Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ’իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է։ 31 Նոյնպէս դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է։ 32 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ ‘Այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան’։ 33 Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։

ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

34 «Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. 35 Վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ 36 Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։

37 Յիսուս ցորեկները տաճարին մէջ կը սորվեցնէր. իսկ գիշերները կ’ելլէր Ձիթենեաց ըսուած լեռը կը կենար։ 38 Բոլոր ժողովուրդը առտուն կանուխ իրեն կ’երթային տաճարը՝ իր խօսքերը լսելու։

ԴԱՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԴԷՄ

(Մատթ. 26։1-5, Մարկ. 14։1-2, Յովհ. 11։45-53)

22 1 Բաղարջակերաց տօնը մօտեցաւ, որ զատիկ կը կոչուէր։ Քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս սպաննեն զանիկա, քանզի ժողովուրդէն կը վախնային։

ՅՈՒԴԱ ՅԻՍՈՒՍԸ ՄԱՏՆԵԼ ԿԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻ

(Մատթ. 26։14-16, Մարկ. 14։10-11)

Սատանան՝ Իսկարիովտացի մականուանեալ Յուդային ներսը մտաւ, որ տասներկուքէն մէկն էր։ Ան գնաց քահանայապետներուն ու իշխաններուն հետ համաձայնեցաւ որ զանիկա մատնէ անոնց։ Անոնք ալ ուրախացան եւ խոստացան անոր ստակ տալ։ Ինք վրան առաւ հարցը եւ պատեհութիւն մը կը փնտռէր, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց՝ դեռ բազմութիւնը չժողվուած։

ՅԻՍՈՒՍ ԶԱՏԻԿԸ ՈՒՏԵԼՈՒ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

(Մատթ. 26։17-25, Մարկ. 14։12-21, Յովհ. 13։21-30)

Բաղարջակերաց օրը եկաւ, երբ պէտք էր զատիկը մորթել։ Յիսուս Պետրոսը եւ Յովհաննէսը ղրկեց ու ըսաւ. «Գացէք պատրաստեցէք մեզի զատիկը որպէս զի ուտենք»։ Անոնք ալ ըսին անոր. «Ո՞ւր կ’ուզես որ պատրաստենք»։ 10 Ըսաւ անոնց. «Երբ քաղաքը մտնէք, ձեզի մարդ մը պիտի պատահի, որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը ունի. անոր ետեւէն գացէք այն տունը, ուր ինք կը մտնէ։ 11 Այն տանտիրոջ ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ՝ «Ո՞ւր է օթեւանը ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ զատիկը կարենամ ուտել»’։ 12 Ան ալ ձեզի յարդարուած մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ, հո՛ն պատրաստեցէք»։ 13 Գացին, գտան ինչպէս իրենց ըսաւ ու զատիկը պատրաստեցին։

ՏԷՐՈՋԸ ԸՆԹՐԻՔԸ

(Մատթ. 26։26-30, Մարկ. 14։22-26, Ա. Կորթ. 11։23-25)

14 Երբ ժամը հասաւ, սեղան նստաւ տասներկու առաքեալներուն հետ, ըսելով. 15 «Փափաքելով փափաքեցայ որ այս զատիկը ձեզի հետ ուտեմ իմ չարչարուելէս առաջ։ 16 Քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ ալ բնաւ ասկէ պիտի չուտեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ կատարուի»։ 17 Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու ըսաւ. «Առէ՛ք ասիկա ու բաժնեցէք ձեր մէջ. 18 Վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ բնաւ որթին բերքէն պիտի չխմեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գայ»։

19 Հաց առաւ, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ 20 Նոյնպէս ալ գաւաթը առաւ ընթրիքէն յետոյ ու ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։

21 «Բայց ահա զիս մատնողին ձեռքը ինծի հետ այս սեղանին վրայ է։ 22 Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ՝ ինչպէս սահմանուած է, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով անիկա պիտի մատնուի»։ 23 Անոնք սկսան իրենց մէջ հարցուփորձ ընել՝ թէ իրենցմէ ո՞վ է որ այդ բանը պիտի ընէ։

ՎԷՃ՝ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

24 Վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի։ 25 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ 26 Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք, հապա ան որ ձեր մէջ մեծ է, պզտիկի պէս թող ըլլայ եւ առաջնորդը՝ սպասաւորի պէս։ 27 Քանզի ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը։ Չէ՞ որ սեղան նստողը. սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ։ 28 Եւ դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. 29 Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. 30 Որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։

ՅԻՍՈՒՍ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՈՒՐԱՆԱԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ

(Մատթ. 26։31-35, Մարկ. 14։27-31, Յովհ. 13։36-38)

31 Տէրը ըսաւ. «Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ. 32 Բայց ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։ 33 Իսկ Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ես պատրաստ եմ քեզի հետ բանտ երթալու ալ, մեռնելու ալ»։ 34 Բայց Յիսուս ըսաւ. «Պետրո՛ս, քեզի կ’ըսեմ թէ այսօր հաւը պիտի չխօսի մինչեւ դուն երեք անգամ ուրանաս՝ ըսելով թէ՝ զիս չես ճանչնար»։

ՔՍԱԿ, ՊԱՐԿ ԵՒ ԹՈՒՐ

35 Ապա ըսաւ անոնց. «Երբ ձեզ ղրկեցի առանց քսակի ու պարկի եւ կօշիկներու, բանի մը կարօտ եղա՞ք»։ 36 Անոնք ալ ըսին. «Ոչ մէկ բանի»։ Ետքը ըսաւ. «Բայց հիմա ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը եւ ան որ թուր չունի, թող իր հանդերձը ծախէ ու իրեն թուր մը ծախու առնէ. 37 Քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ այս գրուած բանն ալ պէտք է որ իմ վրաս կատարուի՝ ‘Եւ անօրէններու հետ սեպուեցաւ’. քանզի ինչ որ ինծի համար որոշուած է, կատարուելու վրայ է»։ 38 Անոնք ալ ըսին. «Տէ՛ր, ահա հոս երկու թուր կայ»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հերիք են»։

ՅԻՍՈՒՍ ՁԻԹԵՆԵԱՑ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ Կ’ԱՂՕԹԷ

(Մատթ. 26։36-46, Մարկ. 14։32-42)

39 Յետոյ իր սովորութեանը պէս Ձիթենեաց լեռը ելաւ։ Աշակերտներն ալ իր ետեւէն գացին։ 40 Ու երբ տեղը հասաւ ըսաւ անոնց. «Աղօթք ըրէք որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ 41 Եւ ինք անոնցմէ զատուեցաւ քարընկէցի մը չափ ու ծունկի վրայ գալով աղօթք կ’ընէր 42 Ու կ’ըսէր. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինձմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։ 43 Երկնքէն հրեշտակ մը երեւցաւ անոր եւ զօրացուց զանիկա։ Սաստիկ նեղութեան մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք ըրաւ։ 44 Եւ իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գետինը կը թափուէր։

45 Աղօթքէն ելլելով՝ աշակերտներուն քով եկաւ ու գտաւ զանոնք տրտմութենէն քնացած։ 46 Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը քնանաք. ելէք աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 26։47-56, Մարկ. 14։43-50, Յովհ. 18։3-11)

47 Երբ կը խօսէր, բազմութիւն մը եւ Յուդան, տասներկուքէն մէկը, որ անոնց առջեւէն կու գար, Յիսուսին մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա համբուրէ։ 48 Բայց Յիսուս ըսաւ անոր. «Յո՛ւդա, համբուրելո՞վ կը մատնես Որդին մարդոյ»։ 49 Երբ անոր բոլորտիքը եղողները տեսան ինչ որ պիտի ըլլար, ըսին անոր. «Տէր, թուրով զարնե՞նք»։ 50 Անոնցմէ մէկը քահանայապետին ծառային զարկաւ ու մէկդի հանեց անոր աջ ականջը։ 51 պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Կը բաւէ»։ Եւ դպաւ անոր ականջին ու բժշկեց զանիկա։ 52 Յիսուս իր վրայ եկող քահանայապետներուն ու տաճարին իշխաններուն ու ծերերուն ըսաւ. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով։ 53 Ամէն օր ձեզի հետ էի տաճարին մէջ եւ ինծի ձեռք չզարկիք, բայց այս է ձեր ժամանակը ու խաւարին իշխանութիւնը»։

ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ

(Մատթ. 26։57-58, 69-75, Մարկ. 14։53-54, 66-72, Յովհ. 18։12-18, 25-27)

54 Զանիկա բռնելով տարին ու քահանայապետին տունը մտցուցին. Պետրոս ալ հեռուէն անոր ետեւէն կ’երթար։ 55 Երբ կրակ վառեցին գաւիթին մէջ ու մէկտեղ նստան, Պետրոս ալ նստաւ անոնց մէջ։ 56 Աղախին մը տեսնելով զանիկա որ կրակին քով նստեր էր, նայեցաւ անոր ու ըսաւ. «Ասիկա ալ անոր հետ էր»։ 57 Բայց Պետրոս ուրացաւ զանիկա ու ըսաւ. «Ո՛վ կին, ես զանիկա չեմ ճանչնար»։ 58 Քիչ մը ետքը ուրիշ մը տեսաւ զանիկա ու ըսաւ. «Դո՛ւն ալ անոնցմէ ես»։ Պետրոս ըսաւ. «Ո՛վ մարդ, ես անոնցմէ չեմ»։ 59 Եւ ժամու մը չափ անցնելէն յետոյ՝ ուրիշ մըն ալ կը պնդէր ու կ’ըսէր. «Յիրաւի ասիկա ալ անոր հետ էր, վասն զի Գալիլիացի է»։ 60 Բայց Պետրոս ըսաւ. «Ո՛վ մարդ, չեմ գիտեր ի՞նչ կը խօսիս դուն»։ Իր խօսքը դեռ բերանն էր, երբ հաւը խօսեցաւ։ 61 Տէրը դարձաւ ու Պետրոսին նայեցաւ։ Պետրոս ալ միտքը բերաւ Տէրոջը խօսքը, որ իրեն ըսեր էր թէ՝ «Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ 62 Պետրոս դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ։

ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԾԱՂՐՈՒԻ ՈՒ ԿԸ ԾԵԾՈՒԻ

(Մատթ. 26։67-67, Մարկ. 14։65)

63 Այն մարդիկը, որոնք Յիսուսը կը պահէին, կը ծաղրէին զանիկա ու կը ծեծէին. 64 Եւ անոր աչքերը ծածկելով՝ անոր երեսին կը զարնէին ու կը հարցնէին իրեն՝ ըսելով. «Մարգարէացի՛ր։ Ո՞վ է ան, որ քեզի զարկաւ»։ 65 Ուրիշ շատ բաներ ալ կ’ըսէին անոր հայհոյելով։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

(Մատթ. 26։59-66, Մարկ. 14։55-64, Յովհ. 18։19-24)

66 Առտուն, ժողովուրդին ծերակոյտը, քահանայապետները եւ դպիրները ժողվուեցան ու տարին զանիկա իրենց ատեանը եւ ըսին. «Եթէ Քրիստոսը դուն ես, ըսէ մեզի»։ 67 Ըսաւ անոնց. «Եթէ ձեզի ըսեմ ալ՝ պիտի չհաւատաք. 68 Եթէ ձեզի բան մը հարցնեմ, ինծի պատասխան պիտի չտաք, ո՛չ ալ զիս պիտի արձակէք։ 69 Ասկէ յետոյ Որդին մարդոյ Աստուծոյ զօրութեանը աջ կողմը պիտի նստի»։ 70 Ամէնքը ըսին. «Ուրեմն դուն Աստուծոյ Որդի՞ն ես»։ Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Դուք կ’ըսէք թէ ես եմ»։ 71 Եւ անոնք ալ ըսին. «Ալ ի՞նչ պէտք է մեզի վկայութիւն, վասն զի մենք անձամբ անոր բերնէն լսեցինք»։

ՅԻՍՈՒՍ ՊԻՂԱՏՈՍԻՆ ԱՌՋԵՒ

(Մատթ. 27։1-2, 11-14, Մարկ. 15։1-5, Յովհ. 18։28-38)

23 1 Բոլոր բազմութիւնը ոտքի ելլելով, տարին զանիկա Պիղատոսին Ու սկսան անոր վրայով ամբաստանութիւն ընել եւ ըսել. «Ասիկա գտանք, որ մեր ազգը կը մոլորեցնէր ու Կայսրին հարկ տալէ կ’արգիլէր եւ իրեն համար կ’ըսէր թէ ինք Քրիստոս ու թագաւոր է»։ Պիղատոս հարցուց անոր ու ըսաւ. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Անիկա ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Դուն կ’ըսես»։ Այն ատեն Պիղատոս քահանայապետներուն ու ժողովուրդին ըսաւ. «Ես այս մարդուն վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ Բայց անոնք ոտք կը կոխէին ու կ’ըսէին թէ՝ «Ժողովուրդը իրար կ’անցընէ ու բոլոր Հրէաստանի մէջ կը սորվեցնէ՝ Գալիլիայէն սկսած մինչեւ այստեղ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԵՐՈՎԴԷՍԻՆ ԱՌՋԵՒ

Պիղատոս երբ լսեց Գալիլիայի համար, հարցուց թէ այդ մարդը Գալիլիացի՞ է։ Երբ իմացաւ թէ Հերովդէսին իշխանութեան տակէն է, զանիկա Հերովդէսին ղրկեց, քանզի ան ալ այն օրերը Երուսաղէմ էր։

Հերովդէս երբ Յիսուսը տեսաւ շատ ուրախացաւ, վասն զի ինք շատոնց կը փափաքէր զանիկա տեսնել. քանզի անոր վրայով շատ բաներ լսած էր եւ կը յուսար անկէ նշան մը տեսնել։ Ու շատ խօսքերով հարցուփորձ ըրաւ, բայց անիկա բնաւ պատասխան մը չտուաւ։ 10 Քահանայապետներն ու դպիրներն ալ կեցեր էին եւ սաստիկ ամբաստանութիւն կ’ընէին անոր վրայ։ 11 Հերովդէս անարգեց զանիկա իր զօրականներուն հետ ու ծաղր ընելէն յետոյ փառաւոր հանդերձներ հագցուց անոր եւ նորէն Պիղատոսին ղրկեց։ 12 Այն օրը Պիղատոս եւ Հերովդէս իրարու հետ բարեկամ եղան, որովհետեւ առաջ իրենց մէջտեղ թշնամութիւն կար։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ

(Մատթ. 27։15-26, Մարկ. 15։6-15, Յովհ. 18։39–19։16)

13 Պիղատոս քահանայապետներն ու իշխանները եւ ժողովուրդը մէկտեղ կանչեց 14 Եւ ըսաւ անոնց. «Այս մարդը առջեւս բերիք ժողովուրդը մոլորեցնողի մը պէս, բայց ես ձեր առջեւ քննութիւն ընելով՝ ատոր համար ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն յանցանք մը չգտայ այդ մարդուն վրայ. 15 Ո՛չ ալ Հերովդէս, վասն զի ձեզ անոր ղրկեցի եւ ահա ատիկա մահու արժանի գործ մը ըրած չէ։ 16 Ուրեմն պատիժ մը տամ անոր ու արձակեմ»։ 17 (Իսկ տօնին ատենը պէտք էր որ մէկը արձակէր անոնց.) 18 Բոլոր բազմութիւնը մէկտեղ աղաղակեցին՝ ըսելով. «Վերցուր ատիկա ու Բարաբբան արձակէ մեզի», 19 (Որ քաղաքին մէջ եղած խռովութեան մը եւ մարդասպանութեան համար բանտը դրուած էր։) 20 Պիղատոս՝ Յիսուսը արձակել ուզելով՝ նորէն խօսեցաւ անոնց։ 21 Բայց անոնք կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Խա՛չը հանէ ատիկա, խաչը հանէ»։ 22 Ինք երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա. ես ատոր վրայ մահու արժանի յանցանք մը չգտայ. ուրեմն պատիժ մը տամ ատոր ու արձակեմ»։ 23 Իսկ անոնք մեծաձայն աղաղակներով ոտք կը կոխէին ու կ’ուզէին որ անիկա խաչուի. եւ անոնց ու քահանայապետներուն ձայները զօրաւոր եղան։ 24 Ու Պիղատոս վճռեց որ անոնց խնդիրքը գործադրուի։ 25 Եւ անոնց ուզած մարդը, որ խռովութեան եւ մարդասպանութեան համար բանտը դրուած էր, արձակեց անոնց եւ Յիսուսը իրենց կամքին յանձնեց։

ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉԻՆ ՎՐԱՅ ԳԱՄՈՒԵՑԱՒ

(Մատթ. 27։32-44, Մարկ. 15։21-32, Յովհ. 19։17-27)

26 Երբ զանիկա կը տանէին, Սիմոն Կիւրենացի ըսուած մէկը բռնեցին, որ արտէն կու գար եւ խաչը անոր վրայ դրին, որպէս զի Յիսուսին ետեւէն տանի։ 27 Անոր ետեւէն կ’երթար ժողովուրդը մեծ բազմութեամբ, նաեւ կիներ, որոնք կ’ողբային ու կու լային անոր ետեւէն։ 28 Յիսուս դարձաւ անոնց ու ըսաւ. «Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, իմ վրաս մի՛ լաք, հապա ձեր անձերուն վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ լացէք։ 29 Վասն զի ահա օրեր պիտի գան, որոնց մէջ պիտի ըսեն. ‘Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն որոնք չծնան եւ ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին’։ 30 Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. ‘Մեր վրայ ինկէք’ ու բլուրներուն՝ ‘Մեզ ծածկեցէք’։ 31 Վասն զի եթէ դալար փայտին այսպէս կ’ընեն, հապա չորին ի՞նչ պիտի ընեն»։

32 Ուրիշ երկու հոգի ալ՝ չարագործներ՝ բերուեցան անոր հետ սպաննուելու։ 33 Երբ Գագաթ ըսուած տեղը հասան, հոն խաչը հանեցին զանիկա եւ այն չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը խաչեցին։ 34 Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ Ու անոր հանդերձները բաժնելու ատեննին վիճակ ձգեցին։ 35 Եւ ժողովուրդը կայներ կը նայէր. իշխաններն ալ անոնց հետ կը նախատէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, թող ինքզինք ալ ազատէ, եթէ ատիկա է Քրիստոսը, Աստուծոյ ընտրեալը»։ 36 Զինուորներն ալ կը ծաղրէին. առջեւը կու գային, քացախ կը մատուցանէին անոր, 37 Ու կ’ըսէին. «Եթէ դուն ես Հրէից թագաւորը, քու անձդ ազատէ»։ 38 Ուր գիր մը գրուած էր Յունարէն, Լատիներէն եւ Եբրայեցերէն գրերով, թէ ‘Ասիկա է Հրէից թագաւորը’։

39 Այն կախուած չարագործներէն մէկը հայհոյութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Եթէ դուն Քրիստոսն ես, ազատէ քու անձդ ու մեզ ալ»։ 40 Իսկ միւսը զանիկա յանդիմանելով՝ ըսաւ. «Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես։ 41 Մենք իրաւունքով, քանզի ահա մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը կ’առնենք. բայց ասիկա գէշ բան մը չըրաւ»։ 42 Եւ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ 43 Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՀԸ

(Մատթ. 27։45-56, Մարկ. 15։33-41, Յովհ. 19։28-30)

44 Ժամը վեցին ատեններն էր ու բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ Արեւը խաւարեցաւ 45 Ու տաճարին վարագոյրը մէջտեղէն պատռուեցաւ։ 46 Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ Ու երբ այս ըսաւ, հոգին տուաւ։

47 Հարիւրապետը եղածը տեսնելով՝ Աստուծոյ փառք տուաւ ու ըսաւ. «Իրաւցնէ այս մարդը արդար էր»։ 48 Այս տեսարանը դիտելու համար ժողվուած բազմութիւնը եղած բաները տեսնելով կուրծքերնուն կը զարնէին ու ետ կը դառնային։ 49 Իր բոլոր ճանչուորներն ալ հեռուն կայներ էին, նոյնպէս ալ կիները՝ որոնք իր ետեւէն եկեր էին Գալիլիայէն ու կը տեսնէին այս բաները։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԹԱՂՈՒՄԸ

(Մատթ. 27։57-61, Մարկ. 15։42-47, Յովհ. 19։38-42)

50 Մարդ մը՝ Յովսէփ անունով, որ խորհրդական էր, բարի ու արդար մարդ մը, 51 (Ասիկա անոնց խորհուրդին ու գործին հաւանութիւն տուած չէր,) Հրեաներուն Արիմաթիա քաղաքէն, որ ինք ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կը սպասէր։ 52 Ասիկա Պիղատոսին գնաց ու Յիսուսին մարմինը խնդրեց։ 53 Եւ զանիկա խաչէն իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու քարէ փորուած գերեզմանի մը մէջ դրաւ, ուր բնաւ մէկը դրուած չէր։ 54 Այն օրը ուրբաթ էր ու շաբաթը պիտի սկսէր։

55 Անոր ետեւէն գացին այն կիները, որոնք իրեն հետ Գալիլիայէն եկած էին ու տեսան գերեզմանը, թէ ի՛նչպէս անոր մարմինը հոն դրուեցաւ։ 56 Եւ դառնալով՝ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին եւ շաբաթ օրը հանգստացան պատուիրանքին համեմատ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

(Մատթ. 28։1-10, Մարկ. 16։1-8, Յովհ. 20։1-10)

24 1 Մէկշաբթի օրը առտուն շատ կանուխ, կիները գերեզման գացին ու տարին այն խունկերը որոնք պատրաստեր էին եւ ուրիշ կիներ ալ անոնց հետ։ Ու քարը գերեզմանէն մէկդի գլորուած գտան։ Ներս մտնելով՝ Տէր Յիսուսին մարմինը չգտան։ Երբ դեռ անոնք այս բանին համար տարակուսանքի մէջ էին, ահա երկու մարդիկ լուսափայլ հանդերձներով հասան անոնց։ Երբ վախով լեցուած՝ երեսնին դէպի գետինը ծռեցին, այն մարդիկը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք. Հոս չէ ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիայի մէջ էր. ‘Որդին մարդոյ պէտք է որ մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի ու խաչը ելլէ ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ’»։ Մտքերնին բերին անոր խօսքերը։ Ու գերեզմանէն դառնալով՝ այս բոլորը պատմեցին տասնըմէկին եւ ուրիշներու։ 10 Այս կիներն էին Մարիամ Մագդաղենացին ու Յովհաննան եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ, որոնք այս բաները առաքեալներուն պատմեցին։ 11 Բայց անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը ու չէին հաւատար անոնց։ 12 Բայց Պետրոս ելաւ վազեց դէպի գերեզմանը ու ծռելով նայեցաւ եւ տեսաւ որ միայն կտաւները կը կենային ու գնաց՝ իր մտքին մէջ զարմանալով այն եղածին վրայ։

ԷՄՄԱՒՈՒՍԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

(Մարկ. 16։12-13)

13 Աշակերտներէն երկուքը նոյն օրը գիւղ մը կ’երթային, որ Երուսաղէմէն վաթսուն ասպարէզ հեռու էր, անոր անունը Էմմաւուս էր։ 14 Անոնք կը խօսէին իրարու հետ այս բոլոր եղած անցքերուն վրայով։ 15 Երբ անոնք կը խօսակցէին ու խորհրդածութիւն կ’ընէին, Յիսուս՝ ինքն ալ մօտենալով՝ անոնց հետ կ’երթար։ 16 Բայց անոնց աչքերը բռնուած էին, որպէս զի զինք չճանչնան։ 17 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք ու տրտմած ալ էք»։ 18 Պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկը, որուն անունը Կղէովպաս էր ու ըսաւ անոր. «Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս»։ 19 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Նազովրեցի Յիսուսին համար, որ Աստուծոյ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ գործով ու խօսքով զօրաւոր մարգարէ մը եղաւ. 20 Ի՛նչպէս քահանայապետները ու մեր իշխանները մահուան մատնեցին զանիկա եւ խաչը հանեցին։ 21 Իսկ մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր։ Այս ամենուն վրայ այս երրորդ օրն է, որ այս բաները եղան։ 22 Բայց մեր մէջէն մէկ քանի կիներ ալ մեզ զարմացուցին։ Անոնք առտու կանուխ գերեզմանը գացին 23 Բայց անոր մարմինը չգտնելով՝ եկան ու ըսին թէ հրեշտակներու տեսիլք ալ տեսան, որոնք ըսեր են թէ՝ ‘Անիկա ողջ է’։ 24 Մերիններէն մէկ քանիներն ալ գերեզմանը գացին ու այնպէս գտան, ինչպէս այն կիները ըսին, միայն թէ զինք չտեսան»։ 25 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան. 26 Չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր»։ 27 Ու սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն, կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր։ 28 Երբ մօտեցան այն գիւղին՝ ուր կ’երթային, ինք ալ ցուցուց որպէս թէ աւելի հեռու տեղ մը պիտի երթար։ 29 Բայց ստիպեցին ու ըսին. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի իրիկունը մօտ է եւ օրը իջած»։ Ան մտաւ անոնց հետ։ 30 Երբ ինք անոնց հետ սեղան նստաւ, հաց առաւ, օրհնեց ու կտրելով տուաւ անոնց։ 31 Այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան ու զինք ճանչցան եւ ինք անոնցմէ աներեւոյթ եղաւ։ 32 Իրարու կ’ըսէին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր»։

ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԵՐԵՒԻ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

(Մատթ. 28։16-20, Մարկ. 16։14-18, Յովհ. 20։19-23, Գործ. 1։6-8)

33 Նոյն ժամուն Երուսաղէմ դարձան ու մէկտեղ ժողվուած գտան տասնըմէկը ու անոնց հետ եղողները, 34 Որոնք կ’ըսէին թէ «Իրաւցնէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ»։ 35 Եւ իրենք պատմեցին ինչ որ ճամբան պատահեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս ինքզինք իրենց ճանչցուց հացը կտրած ատենը։

36 Քանի որ այս բաները կը խօսէին, Յիսուս ինք կայնեցաւ անոնց մէջտեղը ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ 37 Բայց անոնք զարհուրելով կը վախնային ու կը կարծէին թէ ոգի մը կը տեսնեն։ 38 Եւ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն։ 39 Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս ու տեսէ՛ք, վասն զի ոգին մարմին ու ոսկոր չ’ունենար, մինչդեռ կը տեսնէք թէ ես ունիմ»։ 40 Այս ըսելով՝ ձեռքերը ու ոտքերը ցուցուց անոնց։ 41 Երբ տակաւին իրենց ուրախութենէն չէին հաւատար եւ զարմանքի մէջ էին, ըսաւ անոնց. «Ուտելիք մը ունի՞ք հոս»։ 42 Անոնք ալ կտոր մը խորոված ձուկ ու մեղրախորիսխ տուին իրեն։ 43 Առաւ կերաւ անոնց առջեւ։ 44 Եւ ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզի հետ էի, թէ ‘Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են’»։ 45 Այն ատեն անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան. 46 Եւ ըսաւ անոնց. «Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր, 47 Անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած։ 48 Ու դուք էք այս բաներուն վկաները։ 49 Եւ ահա՛ ես իմ Հօրս խոստումը ձեզի կը ղրկեմ. բայց դուք Երուսաղէմ քաղաքին մէջ նստեցէք, մինչեւ վերէն զօրութիւն առնէք ձեր վրայ»։

ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՄԲԱՐՁԱՒ

(Մարկ. 16։19-20, Գործ. 1։9-11)

50 Եւ զանոնք մինչեւ Բեթանիա հանեց ու իր ձեռքերը վեր վերցնելով՝ օրհնեց զանոնք։ 51 Երբ զանոնք կ’օրհնէր, զատուեցաւ անոնցմէ ու վեր կ’ելլէր երկինք։ 52 Անոնք ալ երկրպագութիւն ընելով անոր՝ մեծ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան. 53 Եւ ամէն ատեն տաճարին մէջ էին ու կը գովաբանէին եւ Աստուած կ’օրհնէին։ Ամէն։