ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ

ԿԵՆԱՑ ԲԱՆԸ

1 1 Կենաց բանին վրայով, որ սկիզբէն էր, որուն համար լսեցինք, որ մեր աչքերովը տեսանք, որուն նայեցանք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին. (Եւ կեանքը յայտնուեցաւ ու տեսանք եւ կը վկայենք ու ձեզի կը պատմենք այն յաւիտենական կեանքը, որ Հօրը քով էր ու մեզի յայտնուեցաւ.) Այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէս զի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։ Այս բաները կը գրենք ձեզի, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԼՈՅՍ Է

Ասիկա է այն պատգամը որ իրմէ լսեցինք ու ձեզի կ’իմացնենք, թէ՝ Աստուած լոյս է ու անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ։ Եթէ ըսենք թէ Անոր հետ հաղորդակից ենք ու խաւարի մէջ պտըտինք, սուտ կը խօսինք եւ ճշմարտութիւնը չենք ըսեր։ Հապա եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս անիկա լոյսի մէջ է, իրարու հետ հաղորդակից կ’ըլլանք ու անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ։ Եթէ ըսենք թէ «Մենք մեղք մը չունինք», ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։ 10 Եթէ ըսենք թէ «Մեղք մը չգործեցինք», ստախօս կը ցուցնենք զանիկա ու անոր խօսքը մեր մէջ չէ։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԵՐ ՕԳՆԱԿԱՆՆ Է

2 1 Որդեակներս, այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէս զի մեղք չգործէք եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։ Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ։

Եթէ անոր պատուիրանքները պահենք, այն ատեն կը գիտնանք թէ զանիկա կը ճանչնանք։ Ան որ կ’ըսէ թէ «Ես զանիկա ճանչցայ» ու անոր պատուիրանքները չի պահեր, ստախօս է ու անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Բայց ան որ անոր խօսքը կը պահէ, իրաւցնէ անոր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ սէրը ու ատով կը ճանչնանք թէ անոր մէջ ենք։ Ան որ կ’ըսէ թէ անոր մէջ կը բնակի, այնպէս պէտք է քալէ՝ ինչպէս անիկա քալեց։

ՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔԸ

Ե՛ղբայրներ, ոչ թէ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, հապա այն հին պատուիրանքը որ սկիզբէն ունէիք։ Հին պատուիրանքը այն խօսքն է, որ դուք սկիզբէն լսեցիք։ Դարձեալ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, որ ճշմարիտ է անոր մէջ ու ձեր մէջ. վասն զի խաւարը կ’անցնի ու ճշմարիտ լոյսը արդէն կ’երեւնայ։ Ան որ կ’ըսէ թէ լոյսի մէջ է ու իր եղբայրը կ’ատէ, անիկա տակաւին խաւարի մէջ է։ 10 Ան որ իր եղբայրը կը սիրէ, լոյսի մէջ կը բնակի ու իր մէջ գայթակղութիւն չկայ. 11 Բայց ան որ իր եղբայրը կ’ատէ խաւարի մէջ է ու խաւարի մէջ կը քալէ ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ, վասն զի խաւարը անոր աչքերը կուրցուցեր է։

12 Կը գրեմ ձեզի, ո՛րդեակներ, վասն զի ձեր մեղքերը թողուած են անոր անուան համար։ 13 Կը գրեմ ձեզի, հա՛յրեր, վասն զի դուք ճանչցաք զանիկա, որ սկիզբէն է։ Կը գրեմ ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք չարին յաղթեցիք։ 14 Կը գրեմ ձեզի, տղա՛քներ, վասն զի դուք ճանչցաք Հայրը։ Գրեցի ձեզի, հա՛յրեր, վասն զի դուք ճանչցաք զանիկա որ սկիզբէն է։ Գրեցի ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք ուժով էք եւ Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը բնակի ու չարին յաղթեցիք։ 15 Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ 16 Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։ 17 Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ։

ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԹՇՆԱՄԻՆ

18 Ո՛րդեակներ, վերջին ժամանակն է ու ինչպէս լսեցիք՝ Նեռը պիտի գայ եւ արդէն շատ նեռեր եկած են, ատկէ կ’իմանանք թէ վերջին ժամանակն է։ 19 Մեզմէ ելան ոմանք՝ բայց մեզմէ չէին. վասն զի եթէ մեզմէ ըլլային, մեզի հետ պիտի մնային։ Բայց մեզմէ ելան, որպէս զի յայտնի ըլլայ թէ անոնք ամէնքը մեզմէ չէին։ 20 Սակայն դուք օծութիւն ունիք Սուրբէն ու ամէն բան գիտէք։ 21 Չգրեցի ձեզի՝ իբր թէ ճշմարտութիւնը չէք գիտեր, հապա գիտէք զանիկա ու նաեւ թէ՝ ամէն ստութիւն ճշմարտութենէն չէ։ 22 Ո՞վ է ստախօս, եթէ ոչ ան, որ կ’ուրանայ թէ Յիսուս՝ Քրիստոսն է. անիկա է Նեռը որ կ’ուրանայ Հայրն ու Որդին։ 23 Ամէն ով որ կ’ուրանայ Որդին, անիկա Հայրն ալ չ’ընդունիր. բայց ան որ կ’ընդունի Որդին, անիկա Հայրն ալ կ’ընդունի։ 24 Ուրեմն ինչ որ դուք սկիզբէն լսեցիք, թող անիկա ձեր մէջ բնակի. եթէ այն սկիզբէն լսածնիդ ձեր մէջ բնակի, դուք ալ Որդիին ու Հօրը մէջ պիտի բնակիք։ 25 Եւ ասիկա է այն խոստումը, որ ինք ձեզի խոստացաւ, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը։ 26 Այս բաները ձեզի գրեցի՝ ձեզ մոլորեցնողներուն համար, 27 Որպէս զի այն օծութիւնը, որ դուք իրմէ ընդունեցիք՝ ձեր մէջ մնայ։ Պէտք չէ որ մէկը ձեզի սորվեցնէ. արդէն նոյն օծութիւնը ձեզի կը սորվեցնէ ամէն բան որ ճշմարիտ է ու սուտ չէ։ Ինչպէս անիկա ձեզի սորվեցուց, անոր մէջ կեցէք։

28 Ու հիմա, որդեա՛կներ, անոր մէջ կեցէք, որպէս զի, երբ անիկա յայտնուի, մենք համարձակութիւն ունենանք ու անկէ չամչնանք Իր գալու ատենը։ 29 Քանի որ գիտէք թէ անիկա արդար է, ուրեմն կ’իմանաք թէ ամէն ով որ արդարութիւն կը գործէ, անկէ ծնած է։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

3 1 Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէս զի մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուինք. ասոր համար աշխարհ մեզ չի ճանչնար, վասն զի զանիկա ալ չճանչցաւ։ Սի՛րելիներ, հիմա մենք Աստուծոյ որդիներն ենք եւ տակաւին յայտնի չէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլանք. բայց գիտենք թէ երբ անիկա յայտնուի, անոր պէս պիտի ըլլանք. վասն զի զանիկա պիտի տեսնենք՝ ինչպէս որ է։

Ամէն ով որ այս յոյսը անոր վրայ ունի, ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս անիկա մաքուր է։ Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա անօրէնութիւն ալ կը գործէ եւ բուն մեղքը անօրինութիւն է։ Եւ գիտէք թէ անիկա յայտնուեցաւ, որպէս զի մեր մեղքերը վերցնէ. բայց իր մէջ մեղք չկայ։ Ամէն ով որ անոր մէջ կը կենայ, մեղք չի գործեր. ամէն ով որ մեղք կը գործէ, զանիկա տեսած չէ ու զանիկա ճանչցած չէ։ Որդեակներ, մէկը ձեզ թող չխաբէ. ան որ արդարութիւն կը գործէ՝ արդար է, ինչպէս Անիկա արդար է։ Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասն զի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ. ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ։ Ամէն ով որ Աստուծմէ ծնած է, մեղք չի գործեր, վասն զի անոր սերմը իր մէջ կը մնայ ու չի կրնար մեղք գործել, քանզի Աստուծմէ ծնած է։ 10 Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։

ՄԷԿԶՄԷԿ ՍԻՐԵԼ

11 Վասն զի ասիկա այն պատուիրանքն է որ դուք սկիզբէն լսեցիք, որ մէկզմէկ սիրենք։ 12 Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց։ Ինչո՞ւ համար զանիկա սպաննեց։ Անոր համար որ իր գործերը չար էին, իսկ իր եղբօրը գործերը՝ արդար։ 13 Մի՛ զարմանաք, եղբա՛յրներս, եթէ աշխարհ ձեզ ատէ։ 14 Մենք գիտենք թէ մահէն կեանքի փոխուեցանք, վասն զի եղբայրները կը սիրենք. ան որ եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան մէջ կը մնայ. 15 Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի։ 16 Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա իր կեանքը մեզի համար տուաւ. մենք ալ պարտաւոր ենք մեր եղբայրներուն համար տալ մեր կեանքը։ 17 Բայց ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ։ 18 Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով։

ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՌՋԵՒ

19 Ասով կը ճանչնանք թէ ճշմարտութենէն ենք։ Մեր սրտերուն համարձակութիւնովը անոր առջեւ պիտի երեւնանք։ 20 Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, մենք գիտենք թէ Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։ 21 Սի՛րելիներ, եթէ մեր սրտերը մեզ չմեղադրեն, այն ատեն համարձակութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ առջեւ կենալու։ 22 Եւ ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք։ 23 Ասիկա է անոր պատուիրանքը, որ իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին անուանը հաւատանք ու մէկզմէկ սիրենք, ինչպէս մեզի պատուիրեց։ 24 Ան որ պատուիրանքները կը պահէ՝ անոր մէջ կը կենայ ու Աստուած ալ իր մէջ։ Աստուծոյ մեր մէջ բնակիլը կը գիտնանք Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տուաւ։

ՃՇՄԱՐԻՏ ՀՈԳԻՆ ԵՒ ՍՈՒՏ ՀՈԳԻՆ

4 1 Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են։ Ասով կրնաք ճանչնալ Աստուծոյ Հոգին։ Ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած կը դաւանի, անիկա Աստուծմէ է Եւ ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չի դաւանիր, անիկա Աստուծմէ չէ ու ասիկա Նեռին հոգին է, որուն համար լսեցիք թէ պիտի գայ ու արդէն աշխարհի մէջ է։ Դուք Աստուծմէ էք, ո՛րդեակներ ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է։ Անոնք աշխարհէն են, ասոր համար աշխարհի վրայով կը խօսին եւ աշխարհ մտիկ կ’ընէ անոնց։ Մենք Աստուծմէ ենք։ Ան որ Աստուած կը ճանչնայ, մեզի մտիկ կ’ընէ։ Ան որ Աստուծմէ չէ, մեզի մտիկ չ’ըներ. ասով կը ճանչնանք ճշմարտութեան Հոգին ու խաբէութեան հոգին։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ Է

Սի՛րելիներ, մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է։ Ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է ու կը ճանչնայ Աստուած։ Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։ Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ 10 Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու։ 11 Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել։ 12 Մէկը երբեք Աստուած տեսած չէ։ Եթէ մէկզմէկ սիրենք, Աստուած մեր մէջ պիտի բնակի ու Անոր սէրը կատարեալ պիտի ըլլայ։ 13 Ասով գիտենք թէ մենք անոր մէջ կը բնակինք ու անիկա մեր մէջ, որ իր Հոգին մեզի տուաւ։ 14 Մենք տեսանք ու կը վկայենք թէ Հայրը իր Որդին ղրկեց աշխարհի Փրկիչը ըլլալու։ 15 Ով որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, Աստուած անոր մէջ կը բնակի, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ։ 16 Մենք ճանչցանք ու հաւատացինք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Աստուած սէր է։ Ան, որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի ու Աստուած՝ անոր մէջ։ 17 Ասով սէրը մեր վրայ կատարեալ կ’ըլլայ, որպէս զի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը, վասն զի ինչպէս է ինք, նոյնպէս ալ մենք ենք այս աշխարհի մէջ։ 18 Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ. վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է։ Ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։ 19 Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց։ 20 Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ «Ես Աստուած կը սիրեմ» ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել։ 21 Աստուած այս պատուէրը տուած է. ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ։

ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ

5 1 Ամէն ով որ կը հաւատայ թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծմէ ծնած է։ Ամէն ով որ ծնողը կը սիրէ՝ անկէ ծնածն ալ կը սիրէ։ Ասով կը ճանչնանք թէ Աստուծոյ որդիները կը սիրենք, երբ Աստուած սիրենք ու անոր պատուիրանքները պահենք։ Վասն զի ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն։ Վասն զի ան որ Աստուծմէ ծնած է՝ աշխարհին կը յաղթէ։ Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ։ Ո՞վ է որ աշխարհի կը յաղթէ, եթէ ոչ անիկա՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է։

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ

Ասիկա է, որ եկաւ ջուրով եւ արիւնով, այսինքն Յիսուս Քրիստոս. ո՛չ միայն ջուրով, հապա ջուրով եւ արիւնով եւ Հոգին է, որ կը վկայէ, վասն զի Հոգին ճշմարտութիւն է։ Վասն զի երեք են որ երկնքի մէջ կը վկայեն, Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են։ Ու երեք են որ երկրի վրայ կը վկայեն. Հոգին, ջուրը ու արիւնը եւ երեքը միաբան են։ Եթէ մարդոց վկայութիւնը կ’ընդունինք, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. վասն զի ասիկա է Աստուծոյ վկայութիւնը, որ իր Որդիին համար վկայեց։ 10 Ան որ Աստուծոյ Որդիին կը հաւատայ՝ վկայութիւնը իր մէջ ունի։ Ան որ Աստուծոյ չի հաւատար՝ ստախօս կ’ընէ զանիկա, վասն զի չի հաւատար այն վկայութեանը՝ որ Աստուած իր Որդիին համար վկայեց։ 11 Եւ վկայութիւնը այս է, որ Աստուած մեզի յաւիտենական կեանք տուաւ ու այս կեանքը անոր Որդիին մէջն է։ 12 Ան որ Որդին ընդունած է՝ կեանք ունի եւ ան որ Աստուծոյ Որդին ընդունած չէ՝ կեանք չունի։

ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

13 Այս բաները գրեցի ձեզի՝ որպէս զի գիտնաք թէ յաւիտենական կեանք ունիք դուք՝ որ Աստուծոյ Որդիին անունին կը հաւատաք։ 14 Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի։ 15 Եւ եթէ գիտնանք թէ պիտի լսէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք, ուրեմն կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ։

16 Եթէ մէկը տեսնէ որ իր եղբայրը ո՛չ մահացու մեղք մը գործեց, թող խնդրէ ու Աստուած կեանք պիտի տայ այն մահացու չեղած մեղքը գործողին։ Մեղք կայ որ մահացու է, չեմ ըսեր թէ անոր համար խնդրէ։ 17 Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց մեղք կայ որ մահացու չէ։

18 Գիտենք թէ ան, որ Աստուծմէ ծնած է՝ մեղք չի գործեր։ Ա՛ն որ Աստուծմէ ծնած է՝ իր անձը կը պահէ ու չարը անոր չի դպչիր։ 19 Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ է։ 20 Գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու մեզի կարողութիւն տուաւ որպէս զի ճշմարիտը ճանչնանք։ Մենք այն ճշմարիտին մէջ ենք, իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին մէջ։ Անիկա է ճշմարիտ Աստուածն ու յաւիտենական կեանքը։ 21 Ո՛րդեակներ, ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք։