Ա. ԳԻՐՔ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

Ա. ԳԻՐՔ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

ԵՂԿԱՆԱ ԵՒ ԻՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՍԵԼՈՎԻ ՄԷՋ

1 1 Եփրեմի լեռնէն Արիմաթէմ–Սօփիմէ Եղկանա անունով Եփրաթացի մարդ մը կար, որ Սուփիի որդիին Թովայի որդիին Եղիուսի որդիին Յերոամի որդին էր։ Անիկա երկու կին ունէր, մէկուն անունը՝ Աննա ու միւսին անունը Փենանա էր։ Փենանա զաւակներ ունէր, բայց Աննա զաւակ չունէր։ Այն մարդը տարուէ տարի իր քաղաքէն կ’ելլէր, որպէս զի Սելովի մէջ զօրութիւններու Տէրոջը երկրպագութիւն ու զոհ մատուցանէ։ Հոն Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ Տէրոջը քահանաներն էին։ Եղկանա իր զոհ մատուցած օրը իր կնոջ Փենանային եւ անոր տղաքներուն ու աղջիկներուն մէկ–մէկ բաժին տուաւ, Իսկ Աննային կրկին բաժին տուաւ, քանզի անիկա Աննան կը սիրէր. բայց Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։ Անոր նախանձորդը՝ Փենանա՝ զանիկա կսկծեցնելու համար խիստ վշտացուց, որովհետեւ Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։ Եւ Աննա ամէն տարի՝ Տէրոջը տունը ելած ատենը՝ Եղկանա այնպէս կ’ընէր. Փենանա ալ նոյնպէս Աննան կը վշտացնէր ու անիկա կու լար եւ չէր ուտեր։ Այրը՝ Եղկանա՝ անոր ըսաւ. «Աննա՛, ինչո՞ւ կու լաս եւ ինչո՞ւ չես ուտեր ու ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս տրտում է. միթէ ես քեզի տասը որդիէ աւելի լաւ չե՞մ»։

ԱՆՆԱ ԵՒ ՀԵՂԻ

Աննա Սելովի մէջ ուտելէն ու խմելէն ետքը ոտքի ելաւ. (Հեղի քահանան Տէրոջը տաճարին սեմերուն քով աթոռի մը վրայ նստեր էր.) 10 Եւ տրտմալից հոգիով Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու խիստ շատ լացաւ։ 11 Ուխտ ընելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր զօրութեան, եթէ քու աղախինիդ նեղութեանը նայիս ու զիս յիշես եւ քու աղախինդ չմոռնալով՝ քու աղախինիդ արու զաւակ մը տաս, զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրեմ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ու անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չզարնուի»։ 12 Երբ անիկա Տէրոջը առջեւ իր աղօթքը երկնցուց, Հեղի անոր բերնին կը նայէր։ 13 Աննա իր սրտին մէջէն կը խօսէր, միայն շրթունքները կը շարժէին, բայց ձայնը չէր լսուեր. անոր համար Հեղի զանիկա գինով կարծեց։ 14 Եւ Հեղի անոր ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ գինովութիւն պիտի ընես. քու գինիէդ հրաժարէ՛»։ 15 Աննա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ. այդպէս չէ. ես վշտացած սրտով կին մըն եմ եւ գինի կամ օղի չեմ խմած. սակայն Տէրոջը առջեւ իմ սիրտս բացի։ 16 Քու աղախինդ չար կին մը մի՛ կարծեր, քանզի իմ վշտերուս ու նեղութեանս շատութեանը համար մինչեւ հիմա խօսեցայ»։ 17 Այն ատեն Հեղի պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ու Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրուածքդ քեզի տայ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցիր»։ 18 Աննա ըսաւ. «Քու աղախինդ թող քու առջեւդ շնորհք գտնէ» եւ իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ։

ՄԱՄՈՒԷԼԻ ԾՆՈՒՆԴԸ ԵՒ ԸՆԾԱՅՈՒՄԸ

19 Անոնք առաւօտուն կանուխ ելան ու Տէրոջը առջեւ երկրպագութիւն ըրին եւ Ռամա դարձան ու իրենց տունը գացին։ Եղկանա իր Աննա կնոջ մօտեցաւ եւ Տէրը զանիկա յիշեց։ 20 Աննա յղացաւ եւ երբ ժամանակը հասաւ, տղայ մը ծնաւ։ Անոր անունը Սամուէլ կոչեց՝ ըսելով. «Քանզի զանիկա Տէրոջմէն խնդրեցի»։ 21 Եւ անոր այրը Եղկանա իր բոլոր ընտանիքովը Սելով ելաւ, որպէս զի Տէրոջը առջեւ տարեկան զոհը մատուցանէ ու իր ուխտը կատարէ։ 22 Բայց Աննա չգնաց, քանզի իր էրկանը ըսաւ. «Մինչեւ տղուն կաթէ կտրուիլը պիտի նստիմ. ետքը զանիկա պիտի տանիմ, որպէս զի Տէրոջը առջեւ երեւնայ ու միշտ հոն մնայ»։ 23 Եւ այրը Եղկանա անոր ըսաւ. «Աչքերուդ հաճելի եղածը ըրէ՛. մինչեւ զանիկա կաթէն կտրես՝ նստէ՛. միայն թէ Տէրը իր խօսքը հաստատէ»։ Ուստի կինը նստաւ ու մինչեւ իր տղան կաթէն կտրելը զանիկա կը սնուցանէր։

24 Զանիկա կաթէն կտրածին պէս տղուն հետ առաւ երեք զուարակ, մէկ արդու ալիւր ու մէկ տիկ գինի եւ Տէրոջը տունը տարաւ, որ Սելովի մէջ էր, թէեւ տղան դեռ փոքրիկ էր։ 25 Եւ մէկ զուարակը մորթեցին ու տղան Հեղիին տարին։ 26 Եւ Աննա ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, քու անձդ կենդանի է. ես այն կինն եմ, որ հոս քու քովդ կայնեցայ Տէրոջը աղօթք ընելու համար։ 27 Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի ու Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։ 28 Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ. անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ»։ Ու հոն Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ։

ԱՆՆԱԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

2 1 Աննա աղօթք ըրաւ ու ըսաւ.

«Իմ սիրտս Տէրոջմով ուրախացաւ,

Իմ եղջիւրս Տէրոջմով բարձրացաւ.

Բերանս իմ թշնամիներուս վրայ բացուեցաւ,

Քանզի քու փրկութիւնովդ ուրախացայ։

Տէրոջը պէս սուրբ չկայ, քանզի քեզմէ զատ ուրիշ մը չկայ,

Ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ։

Ալ ասկէ յետոյ հպարտութիւնով մի՛ պարծենաք,

Ու ձեր բերնէն ամբարտաւանութիւն թող չելլէ։

Քանզի Տէրը գիտութեան Աստուածն է

Ու անիկա ամենուն գործը կը կշռէ։

Զօրաւորներուն աղեղները կոտրեցան

Ու տկարները ոյժ հագան։

Կուշտ եղողները հացի համար վարձկան եղան

Եւ անօթի եղողները կշտացան ու աշխատանքը թողուցին,

Ամուլը եօթը զաւակ ծնաւ

Ու շատ զաւակ ունեցողը տկարացաւ։

Մեռցնողն ու կենդանացնողը,

Գերեզմանը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է։

Աղքատացնողն ու հարստացնողը,

Ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է։

Անիկա աղքատը փոշիէն կը վերցնէ

Ու կարօտը աղբիւսէն կը հանէ,

Որպէս զի իշխաններուն հետ նստեցնէ

Ու փառքի աթոռը անոնց ժառանգութիւն տայ.

Քանզի երկրի հիմերը Տէրոջն են

Ու աշխարհը անոնց վրայ հաստատեց։

Անիկա իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ

Ու չարագործները մութին մէջ պիտի կորսուին.

Քանզի մարդ իր ուժովը չի կրնար յաղթել։

10 Տէրոջը դէմ հակառակողները պիտի կոտորուին,

Երկնքէն անոնց վրայ պիտի որոտայ.

Տէրը երկրի ծայրերը պիտի դատէ,

Իր թագաւորին ոյժ պիտի տայ

Ու իր օծեալին եղջիւրը պիտի բարձրացնէ»։

11 Ու Եղկանա Ռամա իր տունը գնաց եւ Սամուէլ մանուկը Հեղի քահանային առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ’ընէր։

ՀԵՂԻԻՆ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

12 Հեղիին որդիները չար մարդիկ ըլլալով՝ Տէրը չէին ճանչնար։ 13 Քահանաներուն սովորութիւնը այս էր, որ երբ ժողովուրդէն մէկը զոհ մատուցանէր, միսին եփած ատենը քահանային սպասաւորը ձեռքը երեքժանի մսահան մը առած կու գար 14 Ու զանիկա կաթսային կամ սանին կամ եփարանին կամ պտուկին մէջ կը խոթէր ու մսահանը ինչ որ հանելու ըլլար, քահանան զանիկա իրեն կ’առնէր։ Անոնք Սելովի մէջ բոլոր հոն եկող Իսրայելացիներուն այսպէս կ’ընէին։ 15 Նաեւ ճարպը այրելէ առաջ քահանային սպասաւորը կու գար ու զոհ ընող մարդուն կ’ըսէր. «Քահանային համար խորովելու միս տուր, քանզի անիկա քեզմէ եփած միս չ’առներ, այլ հում միս կ’ուզէ»։ 16 Եւ այն մարդը, երբ ըսէր թէ «Թող հիմա ճարպը այրեն ու ետքը սրտիդ ուզածին չափ առ», այն ատեն կ’ըսէր. «Ո՛չ, հիմա տուր. եթէ ոչ՝ բռնի կ’առնեմ»։ 17 Այսպէս այն երիտասարդներուն մեղքը Տէրոջը առջեւ շատ մեծ էր, քանզի մարդիկ Տէրոջը զոհը կ’արհամարհէին։

ՍԱՄՈՒԷԼ ՍԵԼՈՎԻ ՄԷՋ

18 Սամուէլ մանուկը քթանէ եփուտը հագած՝ Տէրոջը առջեւ ծառայութիւն կ’ընէր։ 19 Ու անոր մայրը մէկ–մէկ պզտիկ պատմուճան կը շինէր անոր ու ամէն տարի երբ իր էրկանը հետ տարեկան զոհը ընելու կ’ելլէր, անոր կը տանէր։ 20 Եւ Հեղի Եղկանան ու անոր կինը օրհնելով՝ ըսաւ. «Տէրը քեզի այս կնոջմէն զաւակներ տայ, Տէրոջը փոխ տրուած տղուն տեղ» ու անոնք իրենց տեղը գացին։ 21 Եւ Տէրը այցելութիւն ըրաւ Աննային, որ յղացաւ ու երեք տղայ ու երկու աղջիկ ծնաւ։ Սամուէլ մանուկն ալ Տէրոջը առջեւ մեծցաւ։

ՀԵՂԻ ԵՒ ԻՐ ՏՂԱՔԸ

22 Եւ Հեղի խիստ ծերացեր էր ու անոր որդիները ինչ որ կ’ընէին բոլոր Իսրայէլի եւ ի՛նչպէս անոնք վկայութեան խորանին առջեւ խումբերով հաւաքուած կիներուն հետ կը պառկէին, բոլորն ալ կը լսէր։ 23 Անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այսպիսի բաներ կ’ընէք. քանզի ես այս բոլոր ժողովուրդին բերնէն ձեզի համար գէշ խօսքեր կը լսեմ։ 24 Մի՛ ընէք, տղա՛քս, քանզի աղէկ չեն այն լուրերը, որոնք ես կը լսեմ. դուք Տէրոջը ժողովուրդը կը մոլորեցնէք։ 25 Եթէ մարդ մը մարդու դէմ մեղք գործէ, անոր դատաստանը Աստուած կը կտրէ. բայց եթէ մարդ մը Տէրոջը դէմ մեղք գործէ, անոր համար ո՞վ աղաչանք պիտի ընէ»։ Սակայն անոնք իրենց հօրը խօսքին մտիկ չէին ըներ, ուստի Տէրը զանոնք մեռցնել կ’ուզէր։ 26 Սամուէլ մանուկը օրէ օր կը մեծնար եւ Տէրոջը ու մարդոց հաճոյ էր։

27 Աստուծոյ մարդը Հեղիին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ ‘Քու հօրդ տանը յայտնապէս երեւցայ, երբ անոնք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին տանը ծառայ էին 28 Ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն զանիկա ինծի քահանայ ընտրեցի, որպէս զի իմ սեղանիս վրայ զոհ մատուցանէ, խունկ ծխէ ու իմ առջեւս եփուտ հագնի։ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր պատարագները քու հօրդ տանը տուի։ 29 Իմ տանս համար պատուիրած զոհերս ու ընծաներս ինչո՞ւ կ’անարգես եւ քու որդիներդ ինձմէ աւելի կը փառաւորես, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ընտիր զոհերովը ձեզ գիրցնէք’։ 30 Ասոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իրաւցնէ ըսեր էի որ քու տունդ ու քու հօրդ տունը իմ առջեւս յաւիտեան պտըտին’, բայց Տէրը կ’ըսէ. ‘Քա՜ւ լիցի, քանզի ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ ու զիս արհամարհողները պիտի անարգուին։ 31 Ահա օրեր պիտի գան, որ քու թեւդ ու քու հօրդ տանը թեւը պիտի կտրեմ, որպէս զի քու տանդ մէջ ծեր չգտնուի։ 32 Եւ Իսրայէլի ամէն տեսակ բարութիւն վայելած ատենը, դուն իմ տանս մէջ դժբախտութիւն պիտի տեսնես ու քու տանդ մէջ բնաւ ծեր պիտի չգտնուի։ 33 Եւ քու սերունդէդ մնացած մարդը, որ իմ սեղանէս չեմ կտրեր, քու աչքերդ նուաղեցնելու ու քու սիրտդ վշտացնելու համար պիտի մնայ եւ քու տանդ բոլոր զաւակները երիտասարդութեան մէջ պիտի մեռնին։ 34 Ու քու երկու որդիներուդ՝ Ոփնիին ու Փենէհէսին՝ գլուխը գալիքը քեզի նշան ըլլայ, այսինքն երկուքն ալ մէկ օրուան մէջ պիտի մեռնին։ 35 Ինծի հաւատարիմ քահանայ մը պիտի հանեմ, որ բոլոր իմ սրտիս եւ հոգիիս մէջ եղածը կատարէ։ Անոր հաւատարիմ տուն մը պիտի շինեմ ու միշտ իմ օծեալիս առջեւ պիտի պտըտի։ 36 Քու տունէդ ով որ մնայ, կտոր մը արծաթի համար ու նկանակ մը հացի համար պիտի գայ անոր երկրպագութիւն ընէ’։ Ան պիտի ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, զիս քահանայական պաշտօնի մը վրայ դիր, որպէս զի պատառ մը հաց ուտեմ’»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՍԱՄՈՒԷԼԻՆ

3 1 Սամուէլ մանուկը Հեղիին առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ’ընէր։ Այն օրերը Տէրոջը խօսքը հազուագիւտ էր ու յայտնի տեսիլք չկար։ Օր մը Հեղի իր տեղը պառկեր էր (անոր աչքերը սկսեր էին ծանրանալ ու չէր կրնար տեսնել) Եւ Աստուծոյ կանթեղը տակաւին մարած չէր ու Սամուէլ Տէրոջը տաճարին մէջ կը քնանար, ուր Աստուծոյ տապանակը կար։ Տէրը կանչեց Սամուէլը ու անիկա «Հոս եմ», ըսաւ Եւ Հեղիին վազելով՝ ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Ես չկանչեցի. դարձի՛ր պառկէ»։ Ան ալ դարձաւ պառկեցաւ։ Տէրը անգամ մըն ալ կանչեց. «Ո՛վ Սամուէլ» ու Սամուէլ ելաւ Հեղիին գնաց ու ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, ես չկանչեցի. դարձի՛ր պառկէ»։ Եւ Սամուէլ տակաւին Տէրոջը ձայնը չէր ճանչնար ու Տէրոջը խօսքը դեռ անոր յայտնուած չէր։ Նորէն երրորդ անգամ Տէրը կանչեց. «Ո՛վ Սամուէլ» ու Սամուէլ ելաւ Հեղիին գնաց ու ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Հեղի իմացաւ թէ Տէրն է մանուկը կանչողը Ուստի Սամուէլին ըսաւ. «Գնա՛ պառկէ ու եթէ անգամ մըն ալ քեզ կանչէ, ըսէ՛՝ ‘Ո՛վ Տէր, խօսէ՛, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ’»։ Սամուէլ գնաց իր տեղը պառկեցաւ։ 10 Տէրը եկաւ կայնեցաւ ու առաջին անգամներուն պէս՝ «Սամուէ՛լ, Սամուէ՛լ», կանչեց ու Սամուէլ ըսաւ. «Խօսէ, Տէ՛ր, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ»։ 11 Այն ատեն Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Ահա ես Իսրայէլի մէջ այնպիսի բան մը պիտի ընեմ, որ զանիկա ամէն լսողին երկու ականջները պիտի խօսին։ 12 Այն օրը Հեղիին վրայ պիտի կատարեմ ամէն ինչ որ անոր տանը համար ըսեր եմ։ Պիտի սկսիմ ու լմնցնեմ։ 13 Ես իրեն իմացուցեր եմ թէ իր տունը պիտի դատեմ մինչեւ յաւիտեան, իր գիտցած անօրէնութեանը համար. քանզի անոր որդիները իրենց վրայ անէծք բերին ու անիկա չյանդիմանեց զանոնք։ 14 Այս պատճառով Հեղիի տանը անօրէնութեանը՝ զոհերով ու ընծաներով յաւիտեան քաւութիւն չըլլայ»։

15 Սամուէլ մինչեւ առտու պառկեցաւ։ Առտուն Տէրոջը տանը դռները բացաւ. Սամուէլ վախցաւ այն տեսիլքը Հեղիին պատմելէ։ 16 Բայց Հեղի Սամուէլը կանչեց ու ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Սամուէլ» ու անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ 17 Եւ Հեղի ըսաւ. «Քեզի ըսած խօսքը ի՞նչ է. ինձմէ մի՛ պահեր. Աստուած քեզի այդպէս ու անկէ աւելին ընէ, եթէ քեզի ըսուած բոլոր խօսքերէն մէկ խօսք ինձմէ պահես»։ 18 Սամուէլ բոլոր խօսքերը անոր պատմեց, անկէ չպահեց։ Հեղի ըսաւ. «Անիկա Տէրն է. իր աչքերուն հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։

19 Սամուէլ մեծցաւ ու Տէրը անոր հետ էր եւ անոր ըսած խօսքերէն մէ՛կը գետին չձգեց։ 20 Ու Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ բոլոր Իսրայէլ իմացաւ, թէ Սամուէլ հաստատուած է Տէրոջը մարգարէ ըլլալու։ 21 Տէրը նորէն Սելովի մէջ երեւցաւ, ինքզինք Սամուէլին յայտնելու համար Տէրոջը խօսքովը։ Սամուէլ սկսաւ բոլոր Իսրայէլի քարոզել։

ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻԻՆ ԳՐԱՒՈՒՄԸ

4 1 Իսրայէլ պատերազմելու ելաւ Փղշտացիներուն դէմ ու Աբենեզերի մէջ բանակեցաւ, իսկ Փղշտացիները Ափէկի մէջ բանակեցան։ Փղշտացիները Իսրայէլի առջեւ շարուեցան։ Երբ պատերազմը տարածուեցաւ, Իսրայէլ յաղթուեցաւ Փղշտացիներէն, որոնք պատերազմի ասպարէզին մէջ չորս հազար մարդու չափ կոտորեցին։ Ժողովուրդը բանակը դարձաւ։ Իսրայէլի ծերերը ըսին. «Ինչո՞ւ համար Տէրը Փղշտացիներուն առջեւ այսօր մեզ կոտորեց։ Տէրոջը ուխտին տապանակը Սելովէն մեր քով բերենք, որ մեր մէջ գտնուի ու մեզ ազատէ մեր թշնամիներուն ձեռքէն։ Ուստի ժողովը մարդիկ ղրկեց դէպի Սելով, որոնք քերովբէներուն վրայ նստող զօրութեան Տէրոջը ուխտին տապանակը անկէ բերին ու Հեղիին երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ Աստուծոյ ուխտին տապանակին հետ էին։ Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը բանակին մէջ եկաւ, բոլոր Իսրայէլ մեծ ձայնով մը աղաղակեց, այնպէս որ գետինը ձայն տուաւ։ Փղշտացիները այն աղաղակի ձայնը լսելով՝ ըսին. «Եբրայեցիներուն բանակին այս բարձրաձայն աղաղակը ի՞նչ կը նշանակէ»։ Երբ իմացան թէ Տէրոջը տապանակը բանակը եկեր է, Փղշտացիները վախցան, քանզի ըսին. «Աստուած բանակին մէջ եկաւ»։ Նաեւ ըսին. «Վա՜յ մեզի, քանզի մինչեւ հիմա այսպիսի բան եղած չէ. Վա՜յ մեզի, այս զօրաւոր աստուածներուն ձեռքէն ո՞վ մեզ պիտի ազատէ։ Ասոնք այն աստուածներն են, որ Եգիպտոսը ամէն տեսակ հարուածներով զարկին անապատին մէջ։ Ուժովցէ՛ք ու կտրիճ եղէք, ո՛վ Փղշտացիներ, չըլլայ թէ Եբրայեցիներուն ծառայ ըլլաք, ինչպէս անոնք ձեզի ծառայ եղան. ուստի կտրիճ եղէ՛ք եւ անոնց հետ պատերազմեցէ՛ք»։ 10 Ու երբ Փղշտացիները պատերազմեցան, Իսրայէլ յաղթուեցաւ եւ ամէն մարդ իր վրանը փախաւ ու շատ մեծ կոտորած եղաւ եւ Իսրայէլէն երեսուն հազար հետեւակ զօրք ինկաւ, 11 Նաեւ Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ եւ Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ սպաննուեցան։

ՀԵՂԻԻՆ ՄԱՀԸ

12 Բենիամինեան մը բանակէն վազելով՝ նոյն օրը Սելով հասաւ։ Իր լաթերը պատռեր էր եւ իր գլխուն վրայ հող ցաներ էր։ 13 Ու երբ հոն հասաւ, ահա Հեղի աթոռի մը վրայ ճամբուն մէջ նստած կը սպասէր, քանզի Աստուծոյ տապանակին համար սիրտը կը դողար։ Երբ այն մարդը քաղաք մտնելով եղածը պատմեց, բոլոր քաղաքը աղաղակեց։ 14 Հեղի այդ աղաղակին ձայնը լսելով՝ ըսաւ. «Այս աղմուկին ձայնը ի՞նչ կը նշանակէ»։ Այն մարդը շուտով վազեց եկաւ ու եղած բաները Հեղիին պատմեց։ 15 Հեղի իննսունըութ տարեկան էր ու աչքերը այնպէս տկարացած էին, որ չէր կրնար տեսնել։ 16 Այն մարդը Հեղիին ըսաւ. «Զօրքին մէջէն եկողը ես եմ։ Պատերազմէն այսօր փախայ»։ Հեղի ըսաւ. «Որդեա՛կ, ի՞նչ եղաւ»։ 17 Լուր բերողը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ ու ժողովուրդին մէջ մեծ կոտորած եղաւ եւ քու երկու որդիներդ՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ սպաննուեցան ու Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ»։ 18 Երբ անիկա Աստուծոյ տապանակը յիշեց, Հեղի աթոռէն՝ կռնակի վրայ՝ ինկաւ դրանը քով եւ վզին ոսկորը կոտրեցաւ ու մեռաւ, քանզի ծեր ու ծանրացած մարդ մըն էր։ Անիկա Իսրայէլի մէջ քառասուն տարի դատաւորութիւն ըրած էր։

ՓԵՆԵՀԷՍԻ ԿՆՈՋ ՄԱՀԸ

19 Անոր հարսը՝ Փենէհէսի կինը՝ յղի ու ծնանելու մօտ ըլլալով, երբ Աստուծոյ տապանակին գրաւուելուն ու իր կեսրայրին ու էրկանը մեռնելուն լուրը լսեց, ծունկ ծռելով ծնաւ, քանզի ցաւերը անոր վրայ կոխեցին։ 20 Ու երբ կը մեռնէր, քովը կայնող կիները անոր ըսին. «Մի՛ վախնար, քանզի քու ծնածդ տղայ է»։ Բայց անիկա պատասխան չտուաւ եւ ուշադրութիւն չըրաւ։ 21 Տղուն անունը Իքաբօդ կոչեց, ըսելով՝ «Իսրայէլէն փառքը վերցուեցաւ»։ (Քանզի Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ եւ անոր կեսրայրն ու այրը մեռան։) 22 Անոր համար ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակին գրաւուելուն համար Իսրայէլէն փառքը վերցուեցաւ»։

ՏԱՊԱՆԱԿ ՈՒԽՏԻՆ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

5 1 Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Աբենեզերէն Ազովտոս տարին։ Եւ Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Դագոնի տունը տարին եւ Դագոնին քով դրին։ Հետեւեալ օրը Ազովտացիները առտուն կանուխ ելլելով, տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Անոնք Դագոնը վերցուցին իր տեղը դրին։ Հետեւեալ օրը դարձեալ առտուն կանուխ եկան ու տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Դագոնին գլուխն ու ձեռքերուն երկու թաթերը կոտրած ու սեմին վրայ ինկած էին եւ միայն Դագոնին մարմինը մնացեր էր։ (Այս պատճառով Դագոնին քուրմերը ու Դագոնին տունը բոլոր մտնողները մինչեւ այսօր Ազովտոս եղող Դագոնին սեմին վրայ չեն կոխեր։) Անկէ յետոյ Տէրոջը ձեռքը Ազովտացիներուն վրայ ծանրացաւ ու զանոնք կորսնցուց։ Զանոնք Ազովտոսին ու անոր սահմաններուն մէջ թանչքի ուռեցքներով զարկաւ։

Ազովտոսին բնակիչները ասիկա տեսնելով՝ ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը պէտք չէ մեր քով մնայ. քանզի անոր ձեռքը մեր վրայ ու մեր աստուծոյն Դագոնին վրայ ծանրացաւ»։ Եւ մարդ ղրկեցին ու Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները իրենց քով հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ի՞նչ ընենք»։ Անոնք ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ թող փոխադրուի»։ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ փոխադրեցին։ Հոն փոխադրելէ ետքը, Տէրոջը ձեռքը այն քաղաքին վրայ ըլլալով՝ մեծ խռովութիւն եղաւ ու քաղաքին մարդիկը պզտիկէն մինչեւ մեծը զարնուեցան։ Անոնց վրայ թանչքի ուռեցքներ երեւցան։

10 Այն ատեն Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն ղրկեցին։ Երբ Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն մտաւ, Ակկարոնացիները կանչվռտելով ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը մեզի բերին, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը մեռցնեն»։ 11 Ուստի մարդ ղրկելով՝ Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը թող տուէք որ երթայ եւ իր տեղը դառնայ, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը չմեռցնէ», քանզի բոլոր քաղաքին մէջ մահառիթ սոսկում մը կար ու Աստուծոյ ձեռքը խիստ ծանրացեր էր։ 12 Չմեռած մարդիկը թանչքի ուռեցքներով զարնուեցան ու քաղաքին աղաղակը երկինք հասաւ։

ՏԱՊԱՆԱԿԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

6 1 Տէրոջը տապանակը Փղշտացիներուն երկրին մէջ եօթը ամիս մնաց։ Փղշտացիները իրենց քուրմերն ու բախտ նայողները կանչեցին ու ըսին. «Եհովային տապանակը ի՞նչ ընենք։ Մեզի իմացուցէք թէ զանիկա ինչպէ՞ս իր տեղը ղրկենք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եթէ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ղրկէք, զանիկա պարապ մի՛ ղրկէք, հապա անպատճառ յանցանքի պատարագ մատուցանեցէք, որպէս զի բժշկուիք ու ձեզի յայտնի ըլլայ թէ ինչո՞ւ համար անոր ձեռքը ձեր վրայէն չերթար»։ Անոնք ըսին. «Անոր ի՞նչ տեսակ պատարագ մատուցանենք»։ Ու քուրմերը ըսին. «Փղշտացիներուն նախարարներուն թիւովը հինգ ոսկեղէն թանչքի ուռեցքներ ու հինգ ոսկի մուկ ընծայ տուէք. քանզի ձեր ամենուն վրայ եւ ձեր նախարարներուն վրայ միեւնոյն հարուածը եկաւ։ Ձեր թանչքի ուռեցքներուն պատկերները ու ձեր երկիրը աւերող մուկերուն պատկերները շինեցէք ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառք տուէք։ Թերեւս իր ձեռքը ձեր վրայէն, ձեր աստուածներուն վրայէն ու ձեր երկրին վրայէն վերցնէ։ Եւ ինչո՞ւ համար ձեր սրտերը կը խստացնէք, ինչպէս Եգիպտացիներն ու Փարաւոն իրենց սրտերը խստացուցին։ Չէ՞ որ Աստուած անոնց մէջ հրաշալի գործեր ընելէն ետքը միայն զանոնք թող տուին որպէս զի երթան։ Հիմա նոր սայլ մը շինեցէ՛ք ու երկու հատ կաթնտու երինջ առէք, որոնց վրայ բնաւ լուծ դրուած չըլլայ ու երինջները սայլին լծեցէ՛ք եւ անոնց ձագերը անոնց ետեւէն տուն դարձուցէ՛ք Ու Եհովային տապանակը առէ՛ք եւ զանիկա սայլին վրայ դրէ՛ք ու այն ոսկեղէն պատկերները որոնք դուք յանցանքի համար անոր ընծայ պիտի տաք, պզտիկ արկղով մը անոր մէկ կողմը դրէ՛ք ու զանիկա ղրկեցէ՛ք, որպէս զի երթայ Եւ նայեցէ՛ք, եթէ իր սահմանին ճամբովը Բեթսամիւս ելլէ, այս մեծ չարիքը մեզի ընողը անիկա է. ապա թէ ոչ՝ գիտնանք որ անոր ձեռքը բնաւ մեզի դպած չէ, հապա այս բանը դիպուածով պատահեր է մեզի»։ 10 Փղշտացիները այդպէս ըրին։ Երկու հատ կաթնտու երինջ առին ու զանոնք սայլին լծեցին եւ անոնց ձագերը տան մէջ գոցեցին։ 11 Տէրոջը տապանակը եւ ոսկի մուկերուն ու իրենց թանչքի ուռեցքներուն պատկերներուն պզտիկ արկղը սայլին վրայ դրին։ 12 Երինջները շիտակ Բեթսամիւսի ճամբան բռնեցին եւ մեծ ճամբայէն բառաչելով գացին, աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցան։ Փղշտացիներու նախարարները մինչեւ Բեթսամիւսի սահմանը անոնց ետեւէն գացին։ 13 Եւ Բեթսամիւսացիները հովիտին մէջ ցորենի հունձքը կը հնձէին ու իրենց աչքերը վերցնելով տապանակը տեսան ու տեսնելով ուրախացան։ 14 Սայլը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտը մտաւ ու հոն կայնեցաւ, ուր մեծ քար մը կար։ Սայլին փայտերը ճեղքեցին եւ երինջները Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին։ 15 Ղեւտացիները Տէրոջը տապանակը եւ անոր հետ եղող ոսկի պատկերներուն պզտիկ արկղը վար իջեցուցին ու այն մեծ քարին վրայ դրին։ Այն օրը Բեթսամիւսի մարդիկը Տէրոջը ողջակէզներ ու զոհեր մատուցանեցին։ 16 Ու Փղշտացիներուն հինգ նախարարները այս բաները տեսնելէ ետքը՝ նոյն օրը Ակկարոն դարձան։ 17 Այն ոսկեղէն թանչքի ուռեցքները, որոնք Փղշտացիները յանցանքի համար Տէրոջը ընծայ տուին, ասոնք էին. մէկ հատ Ազովտոսի համար, մէկ հատ Գազայի համար, մէկ հատ Ասկաղոնի համար, մէկ հատ Գէթի համար ու մէկ հատ Ակկարոնի համար։ 18 Ոսկի մուկերը Փղշտացիներու հինգ նախարարութիւններուն բոլոր քաղաքներուն թիւովն էին՝ պարսպապատ քաղաքէն մինչեւ անպարիսպ գիւղը ու մինչեւ այն մեծ քարը, որուն վրայ Տէրոջը տապանակը դրուեցաւ։ Մինչեւ այսօր այն քարը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտին մէջ կը կենայ։

ՏԱՊԱՆԱԿԸ ԿԱՐԻԱԹԱՐԻՄԻ ՄԷՋ

19 Տէրը Բեթսամիւսի մարդիկը զարկաւ, քանզի անոնք Տէրոջը տապանակին մէջ նայեցան։ Ժողովուրդէն յիսուն հազար եօթանասուն մարդ զարկաւ։ Տէրը ժողովուրդին մէջ կոտորած ընելուն համար ժողովուրդը սուգ բռնեց։ 20 Բեթսամիւսի մարդիկը ըսին. «Այս սուրբ Տէր Աստուծոյն առջեւ ո՞վ կրնայ կայնիլ։ Մեր քովէն որո՞ւ պէտք է երթայ»։ 21 Եւ Կարիաթարիմի բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Փղշտացիները Տէրոջը տապանակը ետ բերին, եկէք ու զանիկա ձեր քով տարէք»։

7 1 Եւ Կարիաթարիմի մարդիկը գացին ու Տէրոջը տապանակը անկէ առին եւ զանիկա տարին Աբինադաբին տունը, որ բլուրին վրայ էր ու անոր որդին Եղիազարը որոշեցին որպէս զի Տէրոջը տապանակին պահպանութիւնը ընէ։ Եւ տապանակը Կարիաթարիմի մէջ դրուած օրէն շատ օրեր անցան, մօտաւորապէս քսան տարի եւ Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը ետեւէն հառաչեցին։

ՍԱՄՈՒԷԼ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԿԸ ԿԱՌԱՎԱՐԷ

Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի բոլոր տանը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եթէ դուք ձեր բոլոր սրտովը Տէրոջը դարձեր էք, ձեր մէջէն օտար աստուածներն ու Աստարովթը վերցուցէ՛ք եւ ձեր սրտերը Տէրոջը պատրաստեցէ՛ք ու միայն զանիկա պաշտեցէք ու անիկա Փղշտացիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։ Իսրայէլի որդիները Բահաղիմն ու Աստարովթը վերցուցին ու միայն Տէրոջը ծառայութիւն ըրին։ Այն ատեն Սամուէլ ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլը Մասփայի մէջ հաւաքեցէք, որպէս զի ձեզի համար Տէրոջը աղօթք ընեմ»։ Բոլորը Մասփայի մէջ հաւաքուեցան ու ջուր քաշեցին եւ Տէրոջը առջեւ թափեցին։ Այն օրը ծոմ բռնեցին եւ ըսին. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք»։ Սամուէլ Մասփայի մէջ Իսրայէլի որդիներուն դատաւորութիւն կ’ընէր։

Երբ Փղշտացիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփայի մէջ հաւաքուեր են, իրենց նախարարները Իսրայէլի դէմ ելան։ Իսրայէլի որդիները այս լսելով՝ Փղշտացիներուն երեսէն վախցան։ Եւ Իսրայէլի որդիները Սամուէլին ըսին. «Անդադար մեր Տէր Աստուծոյն աղաղակէ մեզի համար, որպէս զի մեզ Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ»։ Սամուէլ կաթնկեր գառնուկ մը առաւ ու զանիկա ողջակէզ ըրաւ Տէրոջը եւ Իսրայէլի համար Տէրոջը աղաղակելով աղօթք ըրաւ ու Տէրը անոր պատասխան տուաւ։

10 Երբ Սամուէլ ողջակէզը կը մատուցանէր, Փղշտացիները մօտեցան, որպէս զի Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընեն։ Տէրը նոյն օրը Փղշտացիներուն վրայ մեծ ձայնով որոտաց ու զանոնք խռովեցուց ու Իսրայէլի առջեւէն փախան։ 11 Իսրայէլի մարդիկը Մասփայէն ելլելով Փղշտացիները հալածեցին ու մինչեւ Բեթքովրի տակ զանոնք կոտորեցին։ 12 Այն ատեն Սամուէլ քար մը առաւ եւ Մասփայի ու Սենի մէջտեղ կանգնեցուց ու անոր անունը Աբենեզեր կոչեց, ըսելով. «Տէրը մինչեւ այստեղ մեզի օգնեց»։ 13 Փղշտացիները կորագլուխ եղան ու անգամ մըն ալ Իսրայէլի սահմանը չմտան եւ Սամուէլի բոլոր օրերը Տէրոջը ձեռքը Փղշտացիներուն վրայ էր։ 14 Փղշտացիները Իսրայէլէն որչափ քաղաքներ որ առեր էին, Ակկարոնէն մինչեւ Գէթ, բոլորն ալ Իսրայէլին վերադարձուեցան ու Իսրայէլ անոնց սահմանները Փղշտացիներու ձեռքէն ազատեց եւ Իսրայէլի ու Ամօրհացիներուն մէջտեղ խաղաղութիւն եղաւ։

15 Սամուէլ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը դատեց։ 16 Ամէն տարի Բեթէլ, Գաղգաղա ու Մասփա կ’երթար կը պտըտէր եւ բոլոր այն տեղերը Իսրայէլը կը դատէր։ 17 Անկէ Ռամա կը դառնար, քանզի իր տունը հոն էր եւ հոն կը դատէր Իսրայէլը ու հոն Տէրոջը սեղան շինեց։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ՈՒԶԷ

8 1 Երբ Սամուէլ ծերացաւ, իր որդիները Իսրայէլի վրայ դատաւոր դրաւ։ Իր անդրանիկ որդիին անունը՝ Յովէլ, երկրորդին անունը Աբիա էր։ Ասոնք Բերսաբէէի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէին։ Անոր որդիները անոր ճամբաներուն մէջ չքալեցին, հապա ագահութեան ետեւէ իյնալով՝ կաշառք կ’առնէին եւ իրաւունքը կը ծռէին։

Իսրայէլի բոլոր ծերերը հաւաքուեցան ու Ռամա գացին Եւ Սամուէլին ըսին. «Ահա դուն ծեր ես ու որդիներդ ճամբաներուդ մէջ չեն քալեր. ուստի հիմա մեր վրայ թագաւոր մը դիր, որպէս զի բոլոր ազգերուն պէս մեզ կառավարէ»։ Սակայն Սամուէլին գէշ երեւցաւ, որ ըսին թէ «Մեզի թագաւոր մը տուր, որպէս զի մեզ կառավարէ»։ Սամուէլ Տէրոջը աղօթք ըրաւ։ Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Ժողովուրդին խօսքին ու անոնց քեզի ամէն ըսածին մտիկ ըրէ՛, քանզի անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէս զի անոնց վրայ չթագաւորեմ։ Զանոնք Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր ինչ որ ըրին՝ զիս մոռնալով եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընելով՝ նոյնը քեզի ալ պիտի ընեն։ Ուստի դուն անոնց խօսքին մտիկ ըրէ. բայց անոնց յայտնի կերպով վկայէ ու իրենց վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը անոնց իմացուր»։

10 Սամուէլ Տէրոջը բոլոր խօսքերը իրմէ թագաւոր ուզող ժողովուրդին պատմեց 11 Ու ըսաւ. «Ձեր վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը այսպէս պիտի ըլլայ։ Ձեր տղաքը պիտի առնէ ու զանոնք իրեն համար իր կառքերուն ու ձիերուն վրայ պիտի դնէ եւ իր կառքերուն առջեւէն պիտի վազեն 12 Ու իրեն հազարապետներ ու յիսնապետներ պիտի կարգէ, որ իր արտերը հերկեն ու հունձքերը հնձեն եւ իր պատերազմական զէնքերն ու կառքերուն գործիքները շինեն։ 13 Ձեր աղջիկները պիտի առնէ, որպէս զի իւղագործ, խոհարար ու հաց եփող ըլլան։ 14 Ձեր ընտիր արտերը, այգիներն ու ձիթենիները առնելով՝ իր ծառաներուն պիտի տայ։ 15 Ձեր արտերուն ու ձեր այգիներուն տասանորդը պիտի առնէ ու զանիկա իր ներքինիներուն ու ծառաներուն պիտի տայ։ 16 Ձեր ծառաներն ու աղախինները ու ձեր ամենէն ազնիւ կտրիճները եւ ձեր էշերը պիտի առնէ ու իր ծառայութեանը գործածէ։ 17 Ձեր հօտերուն տասանորդը պիտի առնէ ու դուք անոր ծառաներ պիտի ըլլաք։ 18 Այն օրը դուք ձեր ընտրած թագաւորին պատճառով պիտի աղաղակէք բայց Տէրը ձեզի պատասխան պիտի չտայ»։

19 Սակայն ժողովուրդը Սամուէլին խօսքին մտիկ ընել չուզելով՝ ըսին. «Ո՛չ, անպատճառ թագաւոր մը կ’ուզենք, 20 Որպէս զի մենք ալ բոլոր ազգերուն պէս ըլլանք եւ մեր թագաւորը մեզ կառավարէ։ Անիկա մեր առջեւէն երթայ ու մեր պատերազմներուն մէջ առաջնորդութիւն ընէ»։ 21 Սամուէլ ժողովուրդին բոլոր խօսքերը լսեց ու զանոնք Տէրոջը ականջներուն պատմեց։ 22 Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոնց խօսքին մտիկ ըրէ՛ ու անոնց վրայ թագաւոր մը դի՛ր»։ Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի մարդոց ըսաւ. «Թող ամէն մարդ իր քաղաքը երթայ»։

ՍԱՒՈՒՂ ՍԱՄՈՒԷԼԻՆ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ

9 1 Բենիամինին որդիներէն Կիս անունով մարդ մը կար։ Անիկա Բենիամինեան Աբիային որդիին Բեքովրաթին որդիին Սերօրին որդիին Աբիէլին որդին էր։ Կիս ալ որդի մը ունէր, որուն անունը Սաւուղ էր։ Անիկա կտրիճ ու գեղեցիկ էր ու Իսրայէլի որդիներուն մէջ անկէ գեղեցիկ մարդ չկար եւ բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսէն վեր՝ երկայն էր։

Սաւուղին հօրը Կիսին էշերը կորսուեցան ու Կիս իր որդիին Սաւուղին ըսաւ. «Մանչերէն մէկը քեզի հետ ա՛ռ ու ելիր գնա՛ էշերը փնտռէ»։ Ան ալ Եփրեմի լեռնէն անցաւ եւ Սաղիսա երկրէն ալ անցաւ՝ զանոնք չգտաւ։ Ետքը Սաղիմի երկրէն անցաւ ու հոն ալ չէին. անկէ Բենիամինեաններու երկիրը անցնելով՝ հոն ալ զանոնք չգտաւ։ Երբ անոնք Սուփին երկիրը եկան, Սաւուղ իրեն հետ եղող մանչուն ըսաւ. «Եկուր ե՛տ դառնանք, չըլլայ թէ հայրս էշերուն հոգը թողու ու մեզի համար մտահոգուի»։ Բայց մանչը անոր ըսաւ. «Այս քաղաքին մէջ է Աստուծոյ մարդը, անիկա պատուաւոր մարդ մըն է, անոր ամէն ըսածը անշուշտ կը կատարուի։ Հոն երթանք, թերեւս մեր երթալու ճամբան մեզի իմացնէ»։ Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Բայց եթէ երթալու ըլլանք, այն մարդուն ի՞նչ տանինք. քանզի մեր ամաններէն հացը պակսեցաւ ու Աստուծոյ մարդուն տանելու ընծայ մը չունինք։ Մեր քով ի՞նչ ունինք»։ Մանչը Սաւուղին ըսաւ. «Ահա իմ քովս մէկ սիկղին չորրորդ մասը արծաթ կայ, զանիկա Աստուծոյ մարդուն կու տամ, որպէս զի մեր ճամբան մեզի իմացնէ»։ (Առաջ Իսրայէլի մէջ մարդ մը, երբ Աստուծոյ հարցնելու երթար, այսպէս կ’ըսէր. ‘Եկուր տեսանողին երթանք’։ Քանզի այսօր մարգարէ կոչուողը առաջ տեսանող կը կոչուէր։) 10 Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, եկուր երթանք»։ Ու Աստուծոյ մարդուն բնակած քաղաքը գացին։ 11 Երբ անոնք զառիվերէն կ’ելլէին, քանի մը աղջիկներ հանդիպեցան, որոնք ջուր հանելու եկեր էին ու անոնց ըսին. «Տեսանողը հո՞ս է»։ 12 Աղջիկները անոնց պատասխան տուին ու ըսին. «Հո՛ս է։ Ահա ձեր առջեւն է։ Շուտ ըրէք, քանզի այսօր ժողովուրդը բարձր տեղին վրայ զոհ պիտի ընէ, ատոր համար անիկա այսօր քաղաք եկաւ։ 13 Քաղաքը մտնելնուդ պէս զանիկա հոն կը գտնէք, քանի որ անիկա բարձր տեղը ելած չէ կերակուր ուտելու համար. քանզի մինչեւ անոր գալը ժողովուրդը կերակուր չ’ուտեր, որովհետեւ անիկա կ’օրհնէ զոհը ու անկէ ետքը հրաւիրուածները կ’ուտեն։ Հիմա ելէք, քանզի հիմա կը գտնէք զանիկա»։ 14 Եւ անոնք քաղաքը ելան ու երբ անոնք քաղաքին մէջ կը մտնէին, ահա Սամուէլ բարձր տեղը երթալու ատեն, անոնց դէմը ելաւ։

15 Սաւուղին գալէն օր մը առաջ՝ Տէրը Սամուէլին յայտներ ու ըսեր էր թէ 16 «Վաղը այս ատեն Բենիամինին երկրէն քեզի մարդ մը պիտի ղրկեմ, զանիկա իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան օծէ՛, որպէս զի անիկա իմ ժողովուրդս Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ, քանզի ժողովուրդիս նեղութեանը նայեցայ, որովհետեւ անոր աղաղակը ինծի հասաւ»։ 17 Երբ Սամուէլ Սաւուղը տեսաւ, Տէրը անոր ըսաւ. «Ահա ա՛յս է քեզի ըսած մարդս. ասիկա իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի իշխէ»։ 18 Սաւուղ դրանը մէջտեղ Սամուէլին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Տեսանողին տունը ո՞ւր է, կ’աղաչեմ, ինծի ցուցուր»։ 19 Սամուէլ պատասխան տուաւ Սաւուղին ու ըսաւ. «Տեսանողը ես եմ. իմ առջեւէս բարձր տեղը ելիր, քանզի այսօր ինծի հետ կերակուր պիտի ուտես եւ վաղը քեզ կը ղրկեմ ու բոլոր սրտիդ մէջ եղածը քեզի կը պատմեմ։ 20 Երեք օրէ ի վեր քու կորսնցուցած էշերուդ համար մի՛ հոգար, քանզի անոնք գտնուած են։ Իսրայէլի բոլոր փափաքը որո՞ւնն է. քեզի ու քու հօրդ բոլոր տանը չէ՞»։ 21 Սաւուղ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես Իսրայէլի ցեղերուն ամենէն պզտիկէն՝ Բենիամինեան չե՞մ ու իմ ազգատոհմս Բենիամինի ցեղին բոլոր ազգատոհմերուն պզտիկը չէ՞. ուստի ինչո՞ւ համար ինծի այդպիսի խօսք ըսիր»։ 22 Սամուէլ առաւ Սաւուղը ու անոր մանչը ու զանոնք կերակուրին սրահը տարաւ եւ զանոնք կոչնականներուն գլուխը նստեցուց, որոնք երեսուն մարդու չափ էին։ 23 Սամուէլ խոհարարին ըսաւ. «Բեր այն բաժինը որ քեզի տուի ու քեզի պատուիրեցի, որ զանիկա քովդ պահես»։ 24 Խոհարարը ազդրը վրայի մսովը վերցնելով, զանիկա Սաւուղին առջեւ դրաւ։ Սամուէլ ըսաւ. «Ահաւասիկ մնացածը, զանիկա առջեւդ դիր ու կեր. քանզի երբ ըսի թէ ժողովուրդը հրաւիրեր եմ, այն վայրկեանէն անիկա քեզի համար պահուած է»։ Այն օրը Սաւուղ Սամուէլին հետ կերաւ։

25 Երբ բարձր տեղէն քաղաքը իջան, Սամուէլ իր տանը տանիքին վրայ Սաւուղին հետ խօսեցաւ։ 26 Առաւօտ կանուխ ելան ու լուսցածին պէս Սամուէլ Սաւուղը տանիքը կանչեց ու ըսաւ. «Ելի՛ր, որ քեզ ղրկեմ»։ Եւ Սաւուղ ելաւ։ Ինք եւ Սամուէլ մէկտեղ դուրս ելան։ 27 Երբ անոնք քաղաքին ծայրը կ’իջնէին, Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Մանչուն ըսէ՛, որ մեր առջեւը անցնի»։ (Եւ անիկա անցաւ։) «Հիմա դուն հոս կեցիր, որպէս զի Աստուծոյ պատգամը քեզի իմացնեմ»։

ՍԱՄՈՒԷԼ ՍԱՒՈՒՂԸ ԻՇԽԱՆ Կ’ՕԾԷ

10 1 Սամուէլ իւղի շիշ մը առաւ ու անոր գլխուն վրայ թափեց եւ զանիկա համբուրեց ու ըսաւ. «Չէ՞ որ Տէրը քեզ իր ժառանգութեանը վրայ իշխան օծեց։ Այսօր քովէս գացած ատենդ՝ Բենիամինին սահմանը Սելսահի մէջ՝ Ռաքէլին գերեզմանին քով երկու մարդ պիտի գտնես, որոնք քեզի պիտի ըսեն. ‘Գտնուեցան այն էշերը, որոնք փնտռելու գացած էիր։ Քու հայրդ էշերուն հոգը թողուց ու ձեզի համար կը մտահոգուի’ ու կ’ըսէ. ‘Տղուս համար ի՞նչ ընեմ’։ Երբ ասկէ անդին երթաս ու Թաբօրին կաղնին հասնիս, հոն երեք մարդ քեզի պիտի հանդիպին, որոնցմէ մէկը երեք ուլ, մէկը երեք հացի նկանակ ու մէկն ալ տիկ մը գինի առած՝ Աստուծոյ կ’ելլեն դէպի Բեթէլ։ Անոնք քու ողջութիւնդ հարցնելով՝ քեզի երկու հաց պիտի տան, դուն ալ անոնց ձեռքէն ա՛ռ։ Անկէ յետոյ Աստուծոյ բլուրը գնա՛, ուր Փղշտացիներու բերդապահ զօրքը կը կենայ. երբ հոն քաղաքը մտնես, բարձր տեղէն իջնող մարգարէներու գունդի մը պիտի հանդիպիս, որոնք իրենց առջեւէն տաւիղ, թմբուկ, սրինգ ու քնար ունենալով մարգարէութիւն պիտի ընեն։ Այն ատեն քու վրադ Տէրոջը Հոգին պիտի գայ ու անոնց հետ մարգարէութիւն պիտի ընես եւ դուն պիտի փոխուիս, ուրիշ մարդ մը պիտի ըլլաս։ Երբ այս նշանները քու վրադ գան, ձեռքէդ եկածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է։ Ինձմէ առաջ Գաղգաղա իջի՛ր եւ ահա ես հոն պիտի իջնեմ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանելու համար։ Դուն եօթը օր սպասէ՛, մինչեւ որ ես քեզի գամ ու քու ընելիքդ քեզի իմացնեմ»։

Երբ անիկա իր կռնակը դարձուց Սամուէլին քովէն երթալու համար, Աստուած անոր ուրիշ սիրտ մը տուաւ եւ նոյն օրը այս բոլոր նշանները կատարուեցան։ 10 Ու երբ հոն բլուրը եկաւ, ահա մարգարէներու գունդ մը անոր առջեւ ելաւ եւ անոր վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու անոնց հետ մարգարէութիւն ըրաւ։ 11 Ամէն անոնք, որ զինք նախապէս կը ճանչնային, երբ տեսան որ անիկա մարգարէներուն հետ մարգարէութիւն կ’ընէ, իրարու ըսին. «Այս ի՞նչ բան է, որ Կիսին որդիին հանդիպեր է։ Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։ 12 Այն տեղի մարդոցմէ մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Հապա անոր հայրը ո՞վ է»։ Անոր համար ասիկա առակ մը եղաւ. «Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։ 13 Երբ մարգարէութիւն ընելը լմնցուց, բարձր տեղը եկաւ։

14 Սաւուղին հօրեղբայրը անոր ու անոր մանչուն ըսաւ. «Ո՞ւր գացիք»։ Անիկա ըսաւ. «Էշերը փնտռելու. բայց երբ տեսանք որ չկան, Սամուէլին գացինք»։ 15 Սաւուղին հօրեղբայրը ըսաւ. «Սամուէլ ձեզի ի՞նչ ըսաւ, պատմէ՛ ինծի»։ 16 Սաւուղ իր հօրեղբօրը ըսաւ. «Էշերուն գտնուիլը մեզի յայտնապէս իմացուց»։ Բայց թագաւորութեան մասին Սամուէլին ըսած խօսքը անոր չյայտնեց։

ՍԱՒՈՒՂ ԻԲՐ ԹԱԳԱՒՈՐ ԿԸ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԻ

17 Սամուէլ ժողովուրդը Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ հաւաքեց 18 Ու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանեցի ու ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն եւ ձեզի նեղութիւն տուող բոլոր թագաւորներուն ձեռքէն ազատեցի։ 19 Բայց դուք այսօր ձեր Աստուածը մերժեցիք, որ բոլոր չարիքներէն ու նեղութիւններէն ձեզ ազատեց ու անոր ըսիք. ‘Անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը դիր’։ Ուրեմն հիմա ձեր ցեղերովը ու հազարաւորներովը Տէրոջը առջեւ կայնեցէք»։ 20 Ու երբ Սամուէլ Իսրայէլի բոլոր ցեղերը մօտեցուց, վիճակը Բենիամինին ցեղին ելաւ։ 21 Ետքը Բենիամինին ցեղը ազգատոհմերովը մօտեցուց ու վիճակը Մատրիին ազգատոհմին ելաւ։ Ետքը Կիսին որդիին Սաւուղին ելաւ. բայց երբ զանիկա փնտռեցին, անիկա չգտնուեցաւ։ 22 Նորէն Տէրոջը հարցուցին, թէ «Արդեօք այն մարդը հոս կու գա՞յ» ու Տէրը ըսաւ. «Ահա անիկա կարասիներուն մէջտեղը պահուած է»։ 23 Վազելով՝ զանիկա անկէ առին ու ժողովուրդին մէջտեղը կեցուցին։ Բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսի մը չափ երկայն էր։ 24 Սամուէլ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Տէրոջը ընտրած մարդը տեսա՞ք, որ բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պէս չկայ»։ Բոլոր ժողովուրդը աղաղակեց ու ըսաւ. «Կեցցէ՜ արքայ»։ 25 Սամուէլ թագաւորութեան կանոնները ժողովուրդին յայտնեց ու զանոնք գրքի մը մէջ գրեց ու Տէրոջը առջեւ դրաւ եւ Սամուէլ բոլոր ժողովուրդը արձակեց, որպէս զի ամէն մարդ իր տունը երթայ։ 26 Սաւուղ ալ Գաբաա իր տունը գնաց։ Խումբ մը մարդիկ անոր հետ գացին, որոնց սիրտը Աստուած դրդեց։ 27 Բայց չար մարդիկ ըսին. «Ասիկա մեզ ի՞նչպէս պիտի ազատէ». ուստի զանիկա քամահրեցին ու անոր ընծայ մը չտարին. բայց անիկա լուռ կեցաւ։

ՍԱՒՈՒՂ ԱՄՄՈՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ

11 1 Ամմոնացի Նաաս ելաւ ու Գաղաադի Յաբիսին դէմ բանակեցաւ եւ Յաբիսի բոլոր բնակիչները Նաասին ըսին. «Մեզի հետ դաշնակցութիւն ըրէ ու քեզի ծառայենք»։ Այն ատեն Ամմոնացի Նաաս անոնց ըսաւ. «Ձեզի հետ այն պայմանով դաշնակցութիւն կ’ընեմ, որ ձեր ամենուն աջ աչքը փորեմ ու այս բանը բոլոր Իսրայէլի վրայ նախատինք դնեմ»։ Յաբիսին ծերերը անոր ըսին. «Մեզի եօթը օր ժամանակ տուր, որպէս զի Իսրայէլի բոլոր սահմանները պատգամաւորներ ղրկենք ու եթէ մեզ ազատող չըլլայ, այն ատեն քեզի անձնատուր կ’ըլլանք»։

Ուստի պատգամաւորները Գաբաան գացին Սաւուղին եւ ժողովուրդին ականջներուն այս խօսքերը ըսին ու բոլոր ժողովուրդը ձայներնին վերցնելով լացին։ Ահա Սաւուղ արտէն կու գար իր եզներուն ետեւէն ու Սաւուղ ըսաւ. «Ժողովուրդին ի՞նչ եղաւ, որ կու լան» ու Յաբիսին բնակիչներուն խօսքերը անոր պատմեցին։ Երբ այս խօսքերը լսեց, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին վրայ եկաւ ու անոր բարկութիւնը խիստ բորբոքեցաւ։ Զոյգ մը եզ առաւ ու զանոնք կտոր կտոր ըրաւ ու պատգամաւորներուն ձեռքով Իսրայէլի բոլոր սահմանները ղրկեց՝ ըսելով. «Ով որ Սաւուղին ետեւէն ու Սամուէլին ետեւէն չգայ, անոր եզներուն այսպէս պիտի ընեն»։ Ժողովուրդին վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու ամէնքը մէկ մարդու պէս ելան։ Եւ Սաւուղ Բեզեկի մէջ համրեց զանոնք։ Իսրայէլի որդիները երեք հարիւր հազար եւ Յուդայի մարդիկը երեսուն հազար էին։ Եկող պատգամաւորներուն ըսին. «Գաղաադի Յաբիսին բնակիչներուն այսպէս ըսէք. ‘Վաղը երբ արեւը տաքնայ, ձեզի ազատութիւն պիտի ըլլայ’»։ Երբ պատգամաւորները գացին եւ Յաբիսին բնակիչներուն այս բանը իմացուցին, անոնք ուրախացան։ 10 Յաբիսին բնակիչները ըսին Ամմոնացիներուն. «Վաղը ձեզի անձնատուր կ’ըլլանք ու ձեր աչքերուն ինչ որ հաճելի ըլլայ, զայն ըրէք մեզի»։ 11 Հետեւեալ օրը Սաւուղ ժողովուրդը երեք գունդի բաժնեց ու առտուն բանակին մէջ մտան եւ Ամմոնացիները զարկին մինչեւ որ օրը տաքցաւ եւ մնացածները այնպէս ցրուեցան, որ անոնցմէ երկու մարդ մէկտեղ չմնաց։

12 Այն ատեն ժողովուրդը Սամուէլին ըսաւ. «‘Սաւո՞ւղ մեր վրայ թագաւոր պիտի ըլլայ’ ըսողը ո՞վ է. այն մարդիկը տուէք, որպէս զի մեռցնենք»։ 13 Սաւուղ ըսաւ. «Այսօր ոեւէ մարդ պիտի չմեռցուի, քանզի այսօր Տէրը Իսրայէլի համար փրկութիւն ըրաւ»։ 14 Եւ Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Եկէք Գաղգաղա երթանք ու հոն թագաւորութիւնը նորէն հաստատենք»։ 15 Ուստի բոլոր ժողովուրդը Գաղգաղա գացին ու հոն Գաղգաղայի մէջ Տէրոջը առջեւ Սաւուղը թագաւոր ըրին եւ Տէրոջը խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին ու Սաւուղ եւ բոլոր Իսրայէլի մարդիկը հոն մեծ ուրախութիւն ըրին։

ՍԱՄՈՒԷԼԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

12 1 Սամուէլ բոլոր Իսրայէլին ըսաւ. «Դուք ինծի ինչ որ ըսիք, ես ձեր խօսքին մտիկ ըրի ու ձեր վրայ թագաւոր դրի։ Ահա հիմա ձեր առջեւէն թագաւորը կ’երթայ, բայց ես ծերացայ ու մազերս ճերմկցան. իմ որդիներս ձեզի հետ են ու ես իմ մանկութենէս մինչեւ այսօր ձեր առջեւ քալեցի։ Ահա ես հոս կայներ եմ. Տէրոջը առջեւ ու անոր օծեալին առջեւ ինծի համար յայտնապէս ըսէք, թէ ես որո՞ւն եզը առի ու որո՞ւն էշը առի, որո՞ւն զրկանք կամ անիրաւութիւն ըրի ու որո՞ւն ձեռքէն կաշառք առի եւ անով իմ աչքերս գոցեցի ու ես ձեզի ետ դարձնեմ»։ Անոնք ըսին. «Մեզի զրկանք կամ անիրաւութիւն ըրած չես ու բնաւ մարդո՛ւ ձեռքէ բան մը առած չես»։ Եւ ան ըսաւ անոնց. «Այսօր Տէրը ու անոր օծեալը ձեզի վկայ ըլլա՞ն, որ դուք իմ ձեռքիս մէջ բան մը չգտաք»։ Եւ անոնք ըսին. «Վկայ թող ըլլան»։

Այն ատեն Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մովսէսն ու Ահարոնը ընտրողը եւ ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանողը Տէրն է։ Հիմա յառաջ եկէ՛ք եւ ձեզի հետ Տէրոջը առջեւ քննեմ այն բոլոր արդար գործերը, որոնք Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն ըրաւ։ Երբ Յակոբ Եգիպտոս գնաց, հոն ձեր հայրերը Տէրոջը աղաղակեցին եւ Տէրը Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկեց, որոնք ձեր հայրերը Եգիպտոսէն դուրս հանեցին ու զանոնք այստեղ բնակեցուցին։ Բայց անոնք իրենց Տէր Աստուածը մոռցան. անիկա ալ զանոնք Հասորի զօրագլուխը եղող Սիսարային ձեռքը ու Փղշտացիներուն ձեռքը եւ Մովաբի թագաւորին ձեռքը մատնեց, անոնց հետ պատերազմ ըրին 10 Եւ Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսին. ‘Մենք մեղք գործեցինք, քանզի Տէրը թողուցինք եւ Բահաղիմին ու Աստարովթին ծառայութիւն ըրինք։ Հիմա մեզ մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատէ ու քեզի պիտի ծառայենք’։ 11 Ուստի Տէրը Յերոբաաղը, Բեդանը, Յեփթայէն ու Սամուէլը ղրկեց եւ ձեր շրջակայ թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ ազատեց ու ապահովութեամբ բնակեցաք։ 12 Ու երբ տեսաք թէ Ամմոնացիներու թագաւորը ձեր վրայ կու գայ, ինծի ըսիք. ‘Ո՛չ, անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը պէտք է’. թէպէտեւ ձեր թագաւորը ձեր Տէր Աստուածն էր։ 13 Եւ հիմա ահա այն թագաւորը, որ ընտրեցիք եւ ուզեցիք, Տէրը ձեր վրայ թագաւոր դրաւ։ 14 Եթէ Տէրոջմէ վախնաք ու անոր ծառայութիւն ընէք եւ անոր խօսքին հնազանդ ըլլաք ու Տէրոջը պատուիրանքին դէմ չկենաք, այն ատեն թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը, որ ձեր վրայ կը թագաւորէ, ձեր Տէր Աստուծոյն հետ պիտի երթաք։ 15 Բայց եթէ Տէրոջը խօսքին հնազանդութիւն չընէք ու Տէրոջը հրամանին դէմ կենաք, այն ատեն Տէրոջը ձեռքը ձեր վրայ ու ձեր հայրերուն վրայ պիտի ըլլայ։ 16 Հիմա կայնեցէ՛ք ու տեսէ՛ք այն մեծ գործը՝ որ Տէրը ձեր աչքերուն առջեւ պիտի ընէ։ 17 Այսօր ցորենի հունձքի ժամանակը չէ՞։ Ես Տէրոջը պիտի աղաղակեմ եւ անիկա որոտում ու անձրեւ պիտի ղրկէ, որպէս զի հասկնաք ու տեսնէք թէ դուք Տէրոջը առջեւ մեծ չարութիւն ըրիք՝ ձեզի թագաւոր ուզելով»։

18 Այն ատեն Սամուէլ Տէրոջը աղաղակեց ու Տէրը նոյն օրը որոտում ու անձրեւ տուաւ եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջմէն ու Սամուէլէն խիստ վախցաւ։ 19 Ու բոլոր ժողովուրդը Սամուէլին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ քու ծառաներուդ համար, որպէս զի չմեռնինք. քանզի մեր բոլոր մեղքերուն վրայ այս չարութիւնն ալ աւելցուցինք, որ մեզի թագաւոր ուզեցինք»։ 20 Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մի՛ վախնաք. թէեւ դուք այս բոլոր չարութիւնը ըրիք, սակայն Տէրոջմէն մի՛ խոտորիք ու բոլոր սրտովնիդ Տէրոջը ծառայութիւն ըրէք 21 Եւ անկէ մի՛ խոտորիք, քանզի ոչինչ բաներու ետեւէ գացած կ’ըլլաք, որոնք ձեզի օգուտ մը չունին եւ ձեզ ազատելու կարող չեն, վասն զի անոնք ոչինչ են։ 22 Տէրը իր մեծ անուանը համար իր ժողովուրդը չի թողուր, որովհետեւ Տէրը ուզեց ձեզ իրեն ժողովուրդ ընել։ 23 Բայց ես, քա՜ւ լիցի, որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ, ձեզի համար աղօթք ընելէ ետ կենալով. հապա ես ձեզի աղէկ ու շիտակ ճամբան պիտի սորվեցնեմ։ 24 Միայն թէ Տէրոջմէն վախցէք եւ ճշմարտութեամբ ու բոլոր սրտով անոր ծառայութիւն ըրէք, քանզի տեսաք թէ անիկա ձեզի համար ի՛նչ մեծ գործեր ըրաւ։ 25 Իսկ եթէ չարութիւն ընելը շարունակէք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը պիտի կորսուիք»։

ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

13 1 Երբ այս բաները եղան, Սաւուղ մէկ տարուան թագաւոր էր։ Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրած էր, Երբ ան Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ ընտրեց իրեն համար։ Երկու հազարը Սաւուղին հետ Մաքմաս ու Բեթէլի լեռն էին եւ հազարն ալ Յովնաթանին հետ Բենիամինի Գաբաան էին իսկ մնացած ժողովուրդը ամէն մարդ իր վրանը ղրկեց։

Յովնաթան Գաբայի մէջ եղող Փղշտացիներուն պահապան զօրքերը զարկաւ ու Փղշտացիները լսեցին։ Այն ատեն Սաւուղ բոլոր երկրին մէջ փող հնչեցնել տուաւ՝ ըսելով. «Եբրայեցիները թող լսեն»։ Բոլոր Իսրայէլ լսեց թէ Սաւուղ Փղշտացիներուն պահապան զօրքերը զարկաւ եւ Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւ ատելի եղաւ ու բոլոր ժողովուրդը Գաղգաղայի մէջ Սաւուղին քով հաւաքուեցան։ Փղշտացիներն ալ հաւաքուեցան, որպէս զի Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընեն։ Անոնք երեսուն հազար կառք ու վեց հազար ձիաւոր ունէին եւ ժողովուրդը ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էր ու ելան եւ Բեթաւանի արեւելեան կողմը Մաքմասի մէջ բանակեցան։ Երբ Իսրայէլի մարդիկը զիրենք նեղութեան մէջ տեսան՝ ժողովուրդը տագնապած՝ քարայրներու թուփերու, ժայռերու, աշտարակներու ու փոսերու մէջ պահուեցան Կամ Յորդանանի հունը կտրելով Գադի ու Գաղաադի երկիրը անցան. բայց Սաւուղ դեռ Գաղգաղայի մէջ էր ու բոլոր ժողովուրդը դողալով անոր ետեւէն կ’երթային։

Անիկա Սամուէլին որոշած ժամանակին չափ եօթը օր սպասեց, բայց Սամուէլ Գաղգաղա չեկաւ ու ժողովուրդը անոր քովէն ցրուեցաւ։ Ու Սաւուղ ըսաւ. «Ողջակէզը ու խաղաղութեան զոհը իմ մօտ բերէք»։ Ինք ողջակէզը մատուցանեց։ 10 Երբ անիկա ողջակէզը մատուցանելը լմնցուց, այն ատեն Սամուէլ եկաւ եւ Սաւուղ ելաւ զանիկա դիմաւորելու ու բարեւելու։ 11 Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Տեսայ թէ ժողովուրդը իմ քովէս կը ցրուի ու դուն քու որոշած օրերուդ մէջ չեկար ու Փղշտացիները Մաքմասի մէջ հաւաքուած են, ըսի. 12 ‘Փղշտացիները հիմա իմ վրայ Գաղգաղա պիտի իջնեն ու ես Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրած չեմ’. ուստի համարձակելով ողջակէզը մատուցանեցի»։ 13 Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Յիմարութիւն ըրիր, որ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի պատուիրած պատուիրանքը չպահեցիր։ Տէրը քու թագաւորութիւնդ Իսրայէլի վրայ մինչեւ յաւիտեան պիտի հաստատէր, 14 Բայց հիմա քու թագաւորութիւնդ հաստատ պիտի չըլլայ։ Տէրը իրեն համար իր սրտին համեմատ մարդ մը կը փնտռէ, որ իշխան կարգէ իր ժողովուրդին վրայ. քանզի դուն Տէրոջը քեզի պատուիրած հրամանը չպահեցիր»։

15 Ապա Սամուէլ ելաւ ու Գաղգաղայէն Բենիամինին Գաբաան գնաց։ Սաւուղ իր քով գտնուող ժողովուրդը համրեց, որոնք վեց հարիւրի չափ էին։ 16 Սաւուղ եւ անոր որդին Յովնաթան ու անոնց հետ գտնուող մարդիկը Բենիամինին Գաբաան կը նստէին ու Փղշտացիներուն բանակը Մաքմասի մէջ էր։

17 Փղշտացիներուն բանակէն երեք գունդ աւարառու ելաւ. գունդին մէկը դէպի Եփրայի ճամբան՝ Սաւուղին երկիրը դարձաւ 18 Եւ գունդին մէկը դէպի Բեթորոնի ճամբան դարձաւ ու գունդին մէկն ալ դէպի անապատը դարձաւ ու Սեբոյիմի հովիտը նայող սահմանին ճամբան բռնեց։

19 Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ դարբին մը չէր գտնուեր, քանզի Փղշտացիները ըսեր էին թէ ‘Չըլլայ թէ Եբրայեցիները սուր կամ նիզակ շինեն’։ 20 Բոլոր Իսրայելացիները՝ ամէն մէկը իր բրիչը, խոփը, տապարն ու բահը շտկելու համար Փղշտացիներուն երկիրը կ’իջնէին։ 21 Բայց բրիչներուն, խոփերուն, եռաժանի գործիքներուն ու տապարներուն համար եւ խթանները սրելու համար խարտոցներ ունէին։ 22 Այնպէս որ պատերազմին օրը՝ Սաւուղի ու Յովնաթանի հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ձեռքը սուր կամ նիզակ չէր գտնուեր. միայն Սաւուղի ու անոր որդիին Յովնաթանի քով կը գտնուէր։

23 Ու Փղշտացիներու պահապան զօրքը Մաքմասի կիրճը ելան։

ՅԱՎՆԱԹԱՆԻՆ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԱՐԱՐՔԸ

14 1 Օր մը Սաւուղի որդին Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ. «Եկո՛ւր, անդիի կողմը Փղշտացիներուն պահապան զօրքին կողմը անցնինք». բայց իր հօրը չիմացուց։ Սաւուղ Գաբաայի ծայրը՝ Մագրոնի մէջ եղող նռնենիին տակ կը նստէր։ Անոր հետ եղող ժողովուրդը վեց հարիւրի չափ էր։ Հեղիի որդիին Փենէհէսին որդիին Իքաբօդի եղբօրը Աքիտովբին որդին Աքիա Սելովի մէջ Տէրոջը քահանան էր, որ եփուտ կը հագնէր։ Ժողովուրդը Յովնաթանին երթալը չէր գիտեր։ Այն կիրճերուն մէջ, ուրկէ Յովնաթան Փղշտացիներուն պահապան զօրքին կողմը անցնիլը կ’ուզէր, մէկ կողմէ քարաժայռ մը ու միւս կողմէ քարաժայռ մը կար, որոնց մէկուն անունը Բազէս ու միւսին անունը Սենա էր։ Այս քարաժայռներէն մէկը հիւսիսային կողմը Մաքմասի դէմ ցցուած էր ու միւսը հարաւային կողմը՝ Գաբաայի դէմ։ Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ. «Եկո՛ւր, այս անթլփատներուն պահապան զօրքին կողմը անցնինք, կարելի է որ Տէրը մեզի համար բան մը ընէ. քանզի շատ մարդով կամ քիչ մարդով ազատելու կողմէ արգելք մը չկայ Տէրոջը առջեւ»։ Իր զէնքերը կրողը անոր ըսաւ. «Բոլոր քու սրտիդ մէջ եղածը ըրէ՛. յառա՛ջ գնա. ես քեզի հետ կու գամ քու ուզածիդ պէս»։ Եւ Յովնաթան ըսաւ. «Հիմա մենք այն մարդոց կողմը անցնինք ու անոնց երեւնանք։ Եթէ մեզի ըսեն՝ ‘Կայնեցէ՛ք, մինչեւ մենք ձեզի գանք’, այն ատեն մեր տեղը կայնինք ու անոնց չերթանք։ 10 Բայց եթէ ըսեն՝ ‘Մեզի եկէ՛ք’, այն ատեն երթանք, քանզի Տէրը զանոնք մեր ձեռքը տուած է ու ասիկա մեզի նշան ըլլայ»։ 11 Երբ երկուքը Փղշտացիներուն պահապան զօրքին երեւցան, Փղշտացիները ըսին. «Ահա Եբրայեցիները իրենց պահուըտած ծակերէն դուրս կ’ելլեն»։ 12 Եւ պահապան զօրքերը Յովնաթանին ու անոր զէնքերը կրողին ըսին. «Մեզի եկէ՛ք ու ձեզի բան մը իմացնենք»։ Յովնաթան իր զէնքերը կրողին ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկուր, քանզի Տէրը զանոնք Իսրայէլին ձեռքը պիտի տայ»։ 13 Ու Յովնաթան ձեռքերովն ու ոտքերովը վեր ելաւ եւ անոր զէնքերը կրողն ալ անոր ետեւէն ու Յովնաթանին առջեւ անոնք ինկան, անոր զէնքերը կրողն ալ անոր ետեւէն կը մեռցնէր։ 14 Յովնաթան ու անոր զէնքերը կրողը այս առաջին կոտորածին մէջ քսան մարդու չափ մեռցուցին՝ կէս լծավարի չափ գետնի վրայ։ 15 Ու բանակին մէջ, դաշտին մէջ ու բոլոր ժողովուրդին մէջ խռովութիւն եղաւ. պահապան զօրքերն ու աւարառուներն ալ զարհուրեցան ու երկիրը դողաց այնպէս որ անոնց վրայ Աստուծոյ կողմանէ վախ մը ինկաւ։

ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

16 Բենիամինի Գաբաայէն Սաւուղին դէտերը տեսան թէ ահա այն բազմութիւնը մեծ շփոթութեան մէջ է ու երթալով կը ցրուի։ 17 Սաւուղ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Աչքէ անցուցէ՛ք ու նայեցէ՛ք թէ մեզմէ ո՞վ գացեր է»։ Ուստի անոնք աչքէ անցուցին եւ ահա Յովնաթան ու անոր զէնքերը կրողը չկային։ 18 Այն ատեն Սաւուղ Աքիային ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը մօտեցուր». քանզի այն ատեն Աստուծոյ տապանակը Իսրայէլի որդիներուն հետ էր։ 19 Երբ Սաւուղ քահանային հետ կը խօսէր, Փղշտացիներու բանակին մէջի աղմուկը երթալով կը շատնար եւ Սաւուղ ըսաւ քահանային. «Ձեռքդ քաշէ՛»։ 20 Սաւուղ եւ իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցան ու մինչեւ պատերազմին տեղը գացին եւ ահա ամէն մարդ իր սուրը իր ընկերին դարձուցեր էր ու շատ մեծ խռովութիւն մը կար։ 21 Այն Եբրայեցիները, որոնք առաջ Փղշտացիներուն հետ էին ու շրջակայ երկիրներէն անոնց հետ եկեր էին, անոնք ալ Սաւուղին ու Յովնաթանին հետ եղող Իսրայէլին միացան։ 22 Ու Եփրեմի լերան վրայ պահուըտած Իսրայէլի բոլոր մարդիկը Փղշտացիներուն փախչիլը լսելով, անոնք ալ անոնց ետեւէն պատերազմին մէջ մտան։ 23 Եւ այն օրը Տէրը ազատեց Իսրայէլը ու պատերազմը Բեթաւան անցաւ։

ԴԷՊՔԵՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ՅԵՏՈՅ

24 Այն օրը Իսրայէլի մարդիկը տագնապեցան. քանզի Սաւուղ ժողովուրդին երդում ընել տուեր էր՝ ըսելով. «Ով որ մինչեւ իրիկուն հաց ուտէ՝ անիծեալ ըլլայ, որպէս զի իմ թշնամիներէս վրէժ առնեմ» ու բոլոր ժողովուրդը բերանը հաց չդրաւ։ 25 Բոլոր ժողովուրդը անտառ մը մտաւ, ուր գետնին երեսին վրայ մեղր կար։ 26 Երբ ժողովուրդը անտառը մտաւ, տեսաւ որ մեղր կը վազէր. բայց ձեռքը բերնին մօտեցնող չեղաւ, քանզի ժողովուրդը երդումէն վախցաւ։ 27 Սակայն Յովնաթան լսած չէր, երբ իր հայրը ժողովուրդին երդում ընել տուաւ. ուստի իր ձեռքի գաւազանին ծայրը երկնցուց ու մեղրին խորիսխին մէջ խոթեց ու իր ձեռքը բերանը տանելով՝ աչքերը բացուեցան։ 28 Այն ատեն ժողովուրդէն մէկը ըսաւ. «Քու հայրդ ժողովուրդին մեծ երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. ‘Այսօր հաց ուտող մարդը անիծեալ ըլլայ’»։ Եւ ժողովուրդը նուաղած էր։ 29 Յովնաթան ըսաւ. «Իմ հայրս ժողովուրդը նեղութեան մէջ ձգեց։ Նայեցէ՛ք, այս մեղրէն քիչ մը ուտելուս պէս աչքերս բացուեցան. 30 Ալ ո՛րչափ աւելի՝ եթէ ժողովուրդը այսօր իր թշնամիներէն գտած աւարը կշտանալու չափ ուտէ. այն ատեն Փղշտացիներուն մէջ աւելի մեծ կոտորած պիտի ըլլայ»։

31 Այն օրը անոնք Փղշտացիները Մաքմասէն մինչեւ Այեղոն զարկին, բայց ժողովուրդը խիստ նուաղեցաւ 32 Եւ ժողովուրդը աւարին վրայ ինկաւ ու ոչխարները, արջառները եւ հորթերը առին ու գետնի վրայ մորթեցին ու արիւնովը կերան։ 33 Սաւուղին իմացուցին ու ըսին. «Ահա ժողովուրդը Տէրոջը դէմ կը մեղանչէ, քանզի արիւնով կ’ուտէ»։ Անիկա ըսաւ. «Անօրէնութիւն ըրիք. հիմա ինծի մեծ քար մը գլորեցէ՛ք»։ 34 Սաւուղ ըսաւ. «Ժողովուրդին մէջ ցրուեցէ՛ք եւ անոնց ըսէ՛ք՝ ‘Ամէն մարդ իր արջառն ու իր ոչխարը ինծի մօտեցնէ ու հոս մորթէ եւ ուտէ ու արիւնով ուտելով Տէրոջը դէմ մեղք չգործէ’»։ Ուստի բոլոր ժողովուրդը, ամէն մարդ իր ձեռքովը, այն գիշերը իր արջառը մօտեցուց ու հոն մորթեց։ 35 Եւ Սաւուղ Տէրոջը սեղան շինեց։ Այս էր Տէրոջը համար Սաւուղին շինած առաջին սեղանը։

36 Սաւուղ ըսաւ. «Գիշերով Փղշտացիներուն ետեւէն իջնենք ու մինչեւ արեւածագ՝ զանոնք թալլենք ու անոնցմէ մա՛րդ չթողունք»։ Անոնք ըսին. «Քու աչքերուդ ինչ որ հաճելի է՝ զայն ըրէ»։ Քահանան ըսաւ. «Հոս Աստուծոյ մօտենանք»։ 37 Սաւուղ Աստուծոյ հարցուց՝ ըսելով. «Փղշտացիներուն ետեւէն իջնե՞մ. զանոնք Իսրայէլի ձեռքը պիտի տա՞ս»։ Բայց այն օրը Աստուած պատասխան չտուաւ անոր։ 38 Այն ատեն Սաւուղ ըսաւ. «Հո՛ս մօտեցէք, ո՜վ ժողովուրդի իշխաններ եւ հասկցէ՛ք ու տեսէ՛ք թէ այսօր այս մեղքը որո՞ւնն է։ 39 Քանզի Իսրայէլը ազատող Տէրը կենդանի է, որ եթէ իմ որդիիս Յովնաթանին ալ ըլլայ, անպատճառ պիտի մեռնի»։ Բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պատասխան տուող մը չեղաւ։ 40 Այն ատեն անիկա բոլոր Իսրայէլի ըսաւ. «Դուք մէկ կողմը կայնեցէք ու ես եւ իմ որդիս Յովնաթան միւս կողմը կայնինք»։ Ժողովուրդը Սաւուղին ըսաւ. «Աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ»։ 41 Սաւուղ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը յայտնէ»։ Եւ Յովնաթան ու Սաւուղ վիճակով բռնուեցան ու ժողովուրդը ազատ մնաց։ 42 Եւ Սաւուղ ըսաւ. «Իմ վրաս ու իմ որդիիս Յովնաթանի վրայ վիճակ ձգեցէք» Յովնաթան բռնուեցաւ։ 43 Եւ Սաւուղ Յովնաթանին ըսաւ. «Ինծի իմացուր թէ ի՞նչ ըրիր»։ Յովնաթան անոր իմացուց ու ըսաւ. «Ձեռքիս գաւազանին ծայրովը քիչ մը մեղր կերեր եմ ու ահա ես պիտի մեռնիմ»։ 44 Սաւուղ ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ։ Անշուշտ պիտի մեռնիս, Յո՛վնաթան»։ 45 Բայց ժողովուրդը Սաւուղին ըսաւ. «Յովնաթա՞ն պիտի մեռնի, ան որ այսօր Իսրայէլի մէջ այս մեծ փրկութիւնը ըրաւ։ Քա՛ւ լիցի. կենդանի է Տէրը, որ անոր գլխուն մէ՛կ մազը գետինը պիտի չիյնայ. քանզի այսօր Աստուծմով յաղթութիւն տարաւ»։ Այսպէս ժողովուրդը Յովնաթանը ազատեց ու անիկա չմեռաւ։ 46 Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ ու Փղշտացիները իրենց տեղը գացին։

ՍԱՒՈՒՂԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

47 Երբ Սաւուղ սկսաւ Իսրայէլի վրայ թագաւորել, բոլոր շրջակայ թշնամիներուն հետ, այսինքն Մովաբին հետ եւ Ամմոնի որդիներուն հետ, Եդովմին հետ, Սուբայի թագաւորներուն հետ ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ եւ ո՛ր կողմը որ դարձաւ՝ յաղթեց։ 48 Ու քաջութիւն ընելով Ամաղէկը զարկաւ եւ ազատեց Իսրայէլը իր կողոպտիչներուն ձեռքէն։

49 Սաւուղին որդիները Յովնաթան, Յեսուին ու Մեղքիսաւէն էին։ Անոր երկու աղջիկներուն անունները՝ առաջինին անունը Մերովբ ու պզտիկին անունը Մեղքող էր։ 50 Սաւուղին կնոջ անունը Աքինոամ էր, որ Աքիմաասին աղջիկն էր։ Անոր զօրավարին անունը Աբեններ էր, Սաւուղին հօրեղբօրը՝ Ների՝ որդին։ 51 Եւ Կիս, Սաւուղին հայրը ու Աբեններին հայրը՝ ներ՝ Աբիէլին որդիներն էին։

52 Սաւուղին բոլոր օրերը Փղշտացիներուն դէմ սաստիկ պատերազմ կար։ Սաւուղ ամէն զօրաւոր մարդ եւ ամէն ուժի տէր եղող իր քով կը հաւաքէր։

ԱՄԱՂԵԿԱՑԻՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

15 1 Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Տէրը զիս իր Իսրայէլ ժողովուրդին վրայ քեզ թագաւոր օծելու ղրկեց, ուստի հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ’։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Միտքս բերի ինչ որ Ամաղէկ ըրաւ Իսրայէլի, անոր Եգիպտոսէն ելած ատենը՝ ճամբուն մէջ անոր դէմ դնելով։ Հիմա գնա՛ ու Ամաղէկը զա՛րկ։ Անոր բոլոր ունեցածը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛։ Անոր չխնայես։ Այր մարդէն մինչեւ կին մարդը ու տղայէն մինչեւ կաթնկերը, արջառէն մինչեւ ոչխարը եւ ուղտէն մինչեւ էշը մեռցո՛ւր’»։

Ուստի Սաւուղ ժողովուրդը կանչեց ու Տեղայիմի մէջ զանոնք համրեց, որոնք երկու հարիւր հազար հետեւակ զօրք էին, իսկ Յուդայեաններն ալ տասը հազար։ Եւ Սաւուղ Ամաղեկացիներու մէկ քաղաքը գնաց ու հեղեղատին մէջ դարանակալ կեցաւ։ Սաւուղ Կենեցիներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, զատուեցէ՛ք ու Ամաղեկացիներուն մէջէն իջէ՛ք, չըլլայ որ ձեզ անոնց հետ մէկտեղ զարնեմ. քանզի դուք բոլոր Իսրայէլի որդիներուն ողորմութիւն ըրիք՝ անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը»։ Ուստի Կենեցիները Ամաղեկացիներու մէջէն զատուեցան։ Սաւուղ՝ Եւիլայէն մինչեւ Սուրը՝ Ամաղէկը զարկաւ Ու Ամաղէկի թագաւորը Ագագը ողջ բռնեց ու բոլոր ժողովուրդը սուրի բերնով ջարդեց։ Բայց Սաւուղ ժողովուրդին հետ Ագագը եւ ոչխարներուն ու արջառներուն աղէկներն ու գէրերը եւ գառներն ու ամէն պատուական բաները խնայեցին եւ չուզեցին զանոնք ջարդել, միայն բոլոր անարգ ու անպիտան անասունները ջարդեցին։

ՍԱՒՈՒՂ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ ԻԲՐ ԹԱԳԱՒՈՐ

10 Տէրոջը խօսքը Սամուէլին եղաւ՝ ըսելով. 11 «Սաւուղը թագաւոր ընելուս զղջացի, քանզի ինձմէ ետ դարձաւ ու իմ խօսքերս չկատարեց» Սամուէլ տրտմեցաւ ու բոլոր գիշերը Տէրոջը աղաղակեց։ 12 Սամուէլ առաւօտուն կանուխ ելաւ, որպէս զի երթայ Սաւուղը դիմաւորէ։ Սամուէլին իմացուցին ու ըսին. «Սաւուղ Կարմեղոս եկաւ եւ իրեն համար յաղթութեան նշան կանգնեցուց ու անկէ դառնալով անցաւ ու Գաղգաղա իջաւ»։

13 Սամուէլ Սաւուղին քով գնաց։ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս. Տէրոջը խօսքը կատարեցի»։ 14 Բայց Սամուէլ ըսաւ. «Հապա այդ ոչխարներուն ձայնը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ որ իմ ականջիս կու գայ ու արջառներուն ձայնը որ ես կը լսեմ»։ 15 Սաւուղ ըսաւ. «Զանոնք Ամաղեկացիներէն բերին. քանզի ժողովուրդը ամենէն աղէկ ոչխարներն ու արջառները ողջ թողուցին, որպէս զի զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ զոհ մատուցանեն, սակայն միւսները ջարդեցինք»։ 16 Այն ատեն Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Կեցիր որ քեզի պատմեմ ինչ որ Տէրը այս գիշեր ինծի խօսեցաւ»։ Ան ալ ըսաւ. «Խօսէ»։ 17 Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ահա դուն որ քու աչքերուդ պզտիկ կ’երեւնայիր, Իսրայէլի ցեղերուն գլուխը եղար։ Տէրը քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեց։ 18 Տէրը քեզ ճամբայ մը ղրկեց՝ ըսելով. «‘Գնա՛ ու այն մեղաւոր Ամաղեկացիները նզովուածի պէս ջարդէ եւ անոնց դէմ պատերազմ ըրէ, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’։ 19 Իսկ դուն ինչո՞ւ համար Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիր ու աւարին վրայ իյնալով՝ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրիր»։ 20 Սաւուղ ըսաւ Սամուէլին. «Ահա ես Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ըրի ու Տէրը զիս ո՛ր ճամբան որ ղրկեց, այն ճամբան գացի եւ Ամաղէկի թագաւորը Ագագը բերի ու Ամաղէկը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրի։ 21 Սակայն ժողովուրդը այն աւարէն ոչխարներ ու արջառներ առաւ, նզովուածներէն ամենէն աղէկները, որպէս զի զանոնք Գաղգաղայի մէջ քու Տէր Աստուծոյդ զոհ ընեն»։ 22 Սամուէլ ըսաւ. «Միթէ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներն ու զոհերը Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ընելու չափ հաճո՞յ են։ Ահա հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է։ 23 Քանզի ապստամբութիւնը կախարդութեան մեղքին պէս ու կամակորութիւնը կռապաշտութեան պէս է. որովհետեւ դուն Տէրոջը խօսքը մերժեցիր, անիկա ալ քեզ մերժեց, որպէս զի թագաւոր չըլլաս»։

24 Եւ Սաւուղ ըսաւ Սամուէլին. «Մեղք գործեցի, որ Տէրոջը հրամանը ու քու խօսքերդ զանց ըրի, քանզի ժողովուրդէն վախնալուս համար անոնց խօսքին մտիկ ըրի։ 25 Ու հիմա կ’աղաչեմ, իմ յանցանքս ներէ եւ ինծի հետ դարձիր, որպէս զի Տէրոջը երկրպագութիւն ընեմ»։ 26 Եւ Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ես քեզի հետ չեմ դառնար. քանզի դուն Տէրոջը խօսքը մերժեցիր, Տէրն ալ քեզ մերժեց՝ որպէս զի Իսրայէլի վրայ թագաւոր չըլլաս»։ 27 Ու Սամուէլ դարձաւ որ Սաւուղին քովէն երթայ. բայց անիկա անոր վերարկուին ծայրէն բռնեց, որ պատռեցաւ։ 28 Այն ատեն Սամուէլ անոր ըսաւ. «Տէրը այսօր քու վրայէդ Իսրայէլի թագաւորութիւնը պատռեց ու զանիկա քեզմէ աղէկ եղող ընկերիդ տուաւ։ 29 Իսրայէլի Ապաւէնը սուտ չի խօսիր ու չի զղջար. քանզի անիկա մարդ չէ՝ որ զղջայ»։ 30 Եւ Սաւուղ ըսաւ. «Մեղք գործեցի. կ’աղաչեմ, հիմա իմ ժողովուրդիս ծերերուն առջեւ ու Իսրայէլի առջեւ զիս պատուէ՛ եւ ինծի հետ դարձի՛ր, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընեմ»։ 31 Սամուէլ Սաւուղին ետեւէն դարձաւ եւ Սաւուղ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ։

32 Ետքը Սամուէլ ըսաւ. «Ամաղէկի թագաւորը Ագագը ինծի բերէք»։ Ագագ քնքշութեամբ անոր մօտեցաւ եւ Ագագ ըսաւ. «Անշուշտ մահուան դառնութիւնը անցած է»։ 33 Բայց Սամուէլ ըսաւ. «Ինչպէս քու սուրդ կիները անզաւակ թողուց, նոյնպէս քու մայրդ կիներուն մէջ անզաւակ պիտի մնայ»։ Սամուէլ Գաղգաղայի մէջ Տէրոջը առջեւ կտոր կտոր ըրաւ Ագագը։

34 Սամուէլ Ռամա գնաց ու Սաւուղ իր տունը՝ Սաւուղի Գաբաան ելաւ։ 35 15։34 Սամուէլ մինչեւ իր մահուան օրը անգամ մըն ալ Սաւուղը չտեսաւ, բայց Սամուէլ Սաւուղին համար սուգ կ’ընէր, քանզի Տէրը Սաւուղը Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընելուն զղջաց։

ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ՕԾՈՒԻ

16 1 Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ Սաւուղին համար սուգ պիտի ընես, որովհետեւ ես զանիկա մերժեցի, որպէս զի Իսրայէլի վրայ չթագաւորէ։ Եղջիւրդ իւղով լեցուր ու եկուր քեզ Բեթլեհեմացի Յեսսէին ղրկեմ. քանզի անոր որդիներէն մէկը ինծի թագաւոր ընտրեցի»։ Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչպէս երթամ. եթէ Սաւուղ լսէ, զիս կը մեռցնէ»։ Տէրը ըսաւ. «Քեզի հետ երինջ մը առ ու ըսէ թէ Տէրոջը զոհ ընելու եկայ Եւ Յեսսէն զոհին հրաւիրէ ու քու ընելու բանդ ես քեզի պիտի հասկցնեմ եւ թագաւոր պիտի օծես այն մարդը, որ քեզի պիտի ցուցնեմ»։

Սամուէլ Տէրոջը ըսածը ըրաւ ու Բեթլեհէմ գնաց։ Քաղաքին ծերերը դողալով զանիկա դիմաւորեցին ու ըսին. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։ Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութեամբ. Տէրոջը զոհ ընելու եկայ։ Սրբուեցէ՛ք ու ինծի հետ զոհի եկէ՛ք»։ Եւ Յեսսէն ու անոր որդիները սրբել տուաւ եւ զանոնք զոհի հրաւիրեց։ Երբ անոնք եկան, Եղիաբը տեսնելով ըսաւ. «Իրաւ որ Տէրոջը օծեալը իր առջեւն է»։ Բայց Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոր երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի. որովհետեւ Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ Յեսսէ Աբինադաբը կանչեց ու զանիկա Սամուէլին առջեւէն անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ. «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։ Յեսսէ Սամաան անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։ 10 Երբ Յեսսէ Սամուէլին առջեւէն իր եօթը որդիները անցուց, Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տէրը ասոնցմէ ոչ մէկը ընտրեց»։ 11 Եւ Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տղաքներդ ա՞յդչափ են»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին ամենէն պզտիկը մնաց։ Ահա անիկա ոչխարները կ’արածէ»։ Ու Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Մարդ ղրկէ ու զանիկա բերել տուր. քանզի մինչեւ որ անիկա հոս չգայ, մենք սեղան պիտի չնստինք»։ 12 Ուստի մարդ ղրկեց ու զանիկա բերել տուաւ։ Անիկա կարմիր էր ու աղուոր աչքեր ունէր ու դէմքն ալ գեղեցիկ էր։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Ելի՛ր, ասիկա օծէ՛, քանզի ասիկա է»։ 13 Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զանիկա օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այն օրէն ետքը Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ։ Սամուէլ ելաւ Ռամա գնաց։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

14 Տէրոջը Հոգին Սաւուղէն հեռացաւ ու Տէրոջը կողմանէ չար ոգի մը անոր նեղութիւն կու տար 15 Եւ Սաւուղին ծառաները անոր ըսին. «Ահա Աստուծոյ կողմանէ չար ոգի մը քեզի նեղութիւն կու տայ. 16 Մեր տէրը իր առջեւ եղող ծառաներուն թող ըսէ, որ աղէկ քնարահար մը փնտռեն, որպէս զի երբ Աստուծոյ կողմանէ այն չար ոգին քու վրադ գայ, անիկա իր ձեռքով քնարը զարնէ ու դուն հանգստանաս»։ 17 Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Հիմա ինծի աղէկ քնարահար մը գտէ՛ք ու զանիկա ինծի բերէ՛ք»։ 18 Ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա Բեթլեհեմացի Յեսսէին մէկ տղան տեսայ, որ քնար զարնել գիտէ ու անիկա զօրաւոր, պատերազմող, ճարտասան ու գեղեցիկ տեսքով կտրիճ մըն է եւ Տէրը անոր հետ է»։ 19 Սաւուղ Յեսսէին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ոչխարներուն քով գտնուող տղադ՝ Դաւիթը՝ ինծի ղրկէ»։ 20 Եւ Յեսսէ քանի մը հաց, տիկ մը գինի ու այծերէն ուլ մը առնելով՝ իշու վրայ բեռցուց ու զանոնք իր տղուն Դաւիթին ձեռքով Սաւուղին ղրկեց։ 21 Դաւիթ Սաւուղին եկաւ ու անոր առջեւ կեցաւ։ Սաւուղ զանիկա շատ սիրեց ու Դաւիթ անոր կապարճակիրը եղաւ։ 22 Սաւուղ Յեսսէին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Դաւիթ թող իմ քովս կենայ, քանզի անիկա իմ առջեւս շնորհք գտաւ»։ 23 Երբ Աստուծմէ չար ոգին Սաւուղին վրայ գար, Դաւիթ քնարը կ’առնէր ու իր ձեռքով կը զարնէր եւ Սաւուղ կը հանգստանար ու կը զուարճանար եւ չար ոգին անոր վրայէն կ’երթար։

ԳՈՂԻԱԹ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԸ ՄԵՆԱՄԱՐՏԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

17 1 Փղշտացիները իրենց զօրքերը հաւաքեցին պատերազմելու համար եւ Յուդայի Սոքովին մէջ հաւաքուեցան եւ Սոքովի ու Ազեկայի մէջտեղ Ափեսդոմմի մէջ բանակեցան։ Սաւուղ ու Իսրայէլի մարդիկը հաւաքուեցան ու Էլայի հովիտին մէջ բանակեցան եւ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար կարգաւ շարուեցան։ Փղշտացիները մէկ կողմը լերան մը վրայ կեցեր էին ու Իսրայելացիները միւս կողմը լերան մը վրայ կեցեր էին ու հովիտը անոնց մէջտեղն էր։ Փղշտացիներու բանակէն Գողիաթ անունով, վեց կանգուն ու մէկ թիզ բարձրութեամբ, Գեթացի ախոյեան մը ելաւ։ Անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ կար ու հիւսուած զրահ մը հագեր էր։ Անոր պղնձէ զրահին ծանրութիւնը հինգ հազար սիկղ էր։ Ոտքերուն վրայէն պղնձէ սռնապաններ եւ ուսերուն մէջտեղ պղնձէ գեղարդ մը ունէր։ Անոր նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր ու նիզակին տէգը վեց հարիւր սիկղ երկաթ էր։ Անոր վահանը կրողը անոր առջեւէն կ’երթար։ Անիկա եկաւ կայնեցաւ ու Իսրայէլի գունդերուն կանչելով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մեզի դէմ պատերազմ ընելու ելեր էք ու գունդերով շարուեր էք, միթէ ես Փղշտացի չե՞մ ու դուք Սաւուղի ծառաները չէ՞ք։ Ձեր մէջէն մարդ մը ընտրեցէ՛ք, որպէս զի գայ ինծի հետ մենամարտի։ Եթէ կարող ըլլայ ինծի հետ կռուիլ ու զիս մեռցնէ, այն ատեն մենք ձեզի ծառայ ըլլանք, բայց եթէ ես յաղթեմ ու զանիկա մեռցնեմ, այն ատեն դուք մեզի ծառայ ըլլաք ու մեզի ծառայութիւն ընէք»։ 10 Եւ այն Փղշտացին աւելցուց. «Ես այսօր Իսրայէլի գունդերը նախատեցի. ինծի մարդ մը տուէք, որպէս զի իրարու հետ կռուինք»։ 11 Երբ Սաւուղ ու բոլոր Իսրայէլ Փղշտացիին այս խօսքերը լսեցին, զարհուրեցան ու խիստ վախցան։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻ ԲԱՆԱԿԱՏԵՂԻԻՆ ՄԷՋ

12 Դաւիթ Եփրաթացի, այսինքն Յուդայի Բեթլեհեմացի, Յեսսէ անունով մարդու մը որդին էր։ Անիկա ութ որդի ունէր ու անիկա Սաւուղին օրերը ծեր մարդ մը կը սեպուէր։ 13 Յեսսէին երեք մեծ որդիները իր քովէն ելլելով, Սաւուղին ետեւէն պատերազմի գացեր էին։ Պատերազմի գացող երեք որդիներուն անունները՝ անդրանիկինը՝ Եղիաբ, երկրորդինը՝ Աբինադաբ եւ երրորդինը Սամաա էր։ 14 Դաւիթ անոր ամենէն պզտիկն էր։ Երեք մեծերը Սաւուղին ետեւէն գացին. 15 Բայց Դաւիթ Սաւուղին քովէն ելլելով Բեթլեհէմ դարձեր էր, որպէս զի իր հօրը ոչխարները արածէ։ 16 Եւ այն Փղշտացին քառասուն օր առտու ու իրիկուն կը մօտենար ու զանոնք մենամարտութեան կը հրաւիրէր։

17 Յեսսէ իր որդիին՝ Դաւիթին ըսաւ. «Քու եղբայրներուդ համար այս մէկ արդու բոհրած ցորենն ու այս տասը հացը ա՛ռ, բանակը վազէ՛ եղբայրներուդ տո՛ւր։ 18 Եւ այս տասը գլուխ պանիրը անոնց հազարապետին տա՛ր ու նայէ թէ եղբայրներդ ողջ առո՞ղջ են ու անոնցմէ նշան մը բեր»։ 19 Սաւուղ ու անոնք ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը Էլայի հովիտին մէջ Փղշտացիներուն հետ պատերազմ կ’ընէին։

20 Դաւիթ առաւօտուն կանուխ ելաւ, ոչխարները պահապան հովիւին թողուց ու այն բաները առաւ գնաց, ինչպէս Յեսսէն իրեն ապսպրեր էր։ Երբ կառքերուն տեղը հասաւ, զօրքերը կարգաւ կը շարուէին, պատերազմի համար բարձր ձայնով կ’աղաղակէին. 21 Քանզի Իսրայէլ ու Փղշտացիները զօրք զօրքի դէմ շարեր էին։ 22 Դաւիթ իր վրայէն ամանները վար առնելով ամաններու պահապանին ձեռքը յանձնեց եւ դէպի գունդը վազեց ու գնաց իր եղբայրներուն ողջութիւնը հարցուց։ 23 Երբ անիկա անոնց հետ կը խօսէր, ահա այն Փղշտացի ախոյեանը՝ Գողիաթ՝ որ Գէթ քաղաքէն էր, Փղշտացիներու գունդերէն ելաւ եւ նոյն խօսքը կրկնեց։ Դաւիթ լսեց։ 24 Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, երբ այն մարդը տեսան, անոր երեսէն փախան ու զարհուրեցան։ 25 Իսրայէլի մարդիկը ըսին. «Այս ելլող մարդը տեսա՞ք, որ Իսրայէլը նախատելու կ’ելլէ. ով որ զանիկա մեռցնէ, թագաւորը մեծ հարստութիւնով պիտի հարստացնէ զանիկա ու իր աղջիկը անոր պիտի տայ եւ անոր հօրը տունը Իսրայէլի մէջ ազատ պիտի ընէ»։ 26 Դաւիթ իր քով եղող մարդոցը հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս Փղշտացին մեռցնող եւ Իսրայէլէն նախատինքը վերցնող մարդուն ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանզի այս անթլփատ Փղշտացին ո՞վ է՝ որ կենդանի Աստուծոյն զօրքերը կը նախատէ»։ 27 Ժողովուրդը նոյն խօսքերը անոր ըսաւ. «Զանիկա մեռցնող մարդուն այսպէս ու այսպէս պիտի ըլլայ»։ 28 Անոր մեծ եղբայրը Եղիաբ, երբ լսեց անոր խօսիլը այն մարդոց հետ, սաստիկ բարկութեամբ Դաւիթին սրդողեցաւ ու ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ հոս եկար եւ ոչխարները անապատին մէջ որո՞ւ ձգեցիր։ Ես քու հպարտութիւնդ ու սրտիդ չարութիւնը գիտեմ, անտարակոյս դուն պատերազմը տեսնելու եկեր ես»։ 29 Դաւիթ ըսաւ. «Հիմա ի՞նչ ըրի. այս խօսք չէ՞»։ 30 Ու անոր քովէն ուրիշ մարդու մը դարձաւ եւ նոյն խօսքերը ըսաւ։ Ժողովուրդն ալ նոյնպէս պատասխան տուին անոր։

31 Դաւիթին ըսած խօսքերը լսուեցան ու երբ Սաւուղին առջեւ պատմեցին, Սաւուղ իր քով բերել տուաւ զանիկա։ 32 Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ասոր պատճառով բնաւ մարդու մը սիրտ թող չկոտրի. քու ծառադ պիտի երթայ ու այն Փղշտացիին հետ կռուի»։ 33 Եւ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Դուն չես կրնար այն Փղշտացիին վրայ երթալ ու անոր հետ կռուիլ, քանզի դուն մանուկ ես ու անիկա իր մանկութենէն պատերազմող մարդ մըն է»։ 34 Դաւիթ ըսաւ Սաւուղին. «Քու ծառադ երբ իր հօրը ոչխարները կ’արածէր ու երբ առիւծ կամ արջ գար եւ հօտերէն ոչխար տանէր, 35 Ես անոր ետեւէն երթալով՝ զանիկա կը զարնէի ու անոր բերնէն կ’ազատէի։ Երբ անիկա իմ վրաս յարձակէր, զանիկա մօրուքէն կը բռնէի, կը զարնէի ու կը մեռցնէի։ 36 Քու ծառադ առիւծ ալ մեռցուցած է, արջ ալ ու այս անթլփատ Փղշտացին ալ անոնցմէ մէկուն պէս պիտի ընէ, քանզի կենդանի Աստուծոյն զօրքերը նախատեց»։ 37 Դաւիթ ըսաւ. «Առիւծին ու արջին ձեռքէն զիս ազատող Տէրը այս Փղշտացիին ձեռքէն ալ պիտի ազատէ»։ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ»։ 38 Սաւուղ իր հանդերձները Դաւիթին հագցուց ու անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ մը դրաւ ու անոր զրահ ալ հագցուց։ 39 Դաւիթ հանդերձներուն վրայէն Սաւուղին սուրը մէջքը կապեց ու փորձեց քալել, քանզի սորված չէր։ Բայց Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ասոնցմով չեմ կրնար քալել, քանզի սորված չեմ»։ Ուստի Դաւիթ զանոնք իր վրայէն հանեց։

ԴԱՒԻԹ ԳՈՂԻԱԹԻՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ

40 Իր ցուպը ձեռքը առաւ ու հեղեղատէն իրեն համար հինգ հատ գայլախազ քար ընտրեց ու զանոնք իր հովուական ամանին, այսինքն մախաղին մէջ դրաւ ու պարսատիկը ձեռքը բռնելով Փղշտացիին մօտեցաւ։ 41 Փղշտացին ալ եկաւ ու Դաւիթին մօտեցաւ եւ անոր վահանը վերցնող մարդը անոր առջեւ էր։ 42 Երբ Փղշտացին նայեցաւ ու Դաւիթը տեսաւ, զանիկա արհամարհեց. քանզի անիկա կարմիր գոյնով ու գեղեցիկ դէմքով պատանի մըն էր։ 43 Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Միթէ ես շո՞ւն եմ, որ իմ վրաս ցուպով կու գաս» ու իր աստուածներովը Դաւիթը նզովեց։ 44 Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին «Ինծի եկո՛ւր, որ քու մարմինդ երկնքի թռչուններուն ու դաշտի գազաններուն տամ»։ 45 Դաւիթ ըսաւ Փղշտացիին. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ։ 46 Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ ու ես քեզ պիտի մեռցնեմ ու վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ եւ Փղշտացիներուն բանակին դիակները այսօր երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ. որպէս զի բոլոր երկիր գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ 47 Եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սրով ու նիզակով չազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է ու անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ»։ 48 Երբ Փղշտացին ելաւ ու եկաւ Դաւիթին մօտեցաւ, Դաւիթ ալ շուտով պատերազմի ասպարէզը վազեց Փղշտացին դիմաւորելու։ 49 Դաւիթ իր ձեռքը մախաղին մէջ խոթեց ու անկէ քար մը առաւ եւ զանիկա պարսատիկով նետեց ու Փղշտացիին ճակատին զարկաւ եւ քարը անոր ճակատին մէջ մտաւ ու անիկա երեսի վրայ գետինը ինկաւ։ 50 Այսպէս Դաւիթ պարսատիկով ու քարով Փղշտացիին յաղթեց եւ զարկաւ Փղշտացիին ու մեռցուց զանիկա. բայց Դաւիթին ձեռքը սուր չկար։ 51 Դաւիթ վազելով Փղշտացիին վրայ կայնեցաւ ու անոր սուրը բռնեց, պատեանէն հանեց ու զանիկա մեռցնելէն ետքը գլուխը անով կտրեց։ Փղշտացիները իրենց զօրաւոր մարդուն մեռնիլը տեսնելով՝ փախան։ 52 Այն ատեն Իսրայէլի ու Յուդայի մարդիկը ելան եւ աղաղակներով մինչեւ հովիտը ու մինչեւ Ակկարոնի դռները Փղշտացիները հալածեցին եւ Փղշտացիներէն մեռցուածները Սագարիմի ճամբուն վրայ ու մինչեւ Գէթ ու Ակկարոն ինկան։ 53 Եւ Իսրայէլի որդիները Փղշտացիները հալածելէն ետ դարձան ու անոնց բանակը կողոպտեցին։ 54 Դաւիթ Փղշտացիին գլուխը առաւ ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ. բայց անոր զէնքերը իր վրանին մէջ դրաւ։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

55 Երբ Սաւուղ Դաւիթը տեսաւ, որ Փղշտացիին դէմ ելեր է, իր զօրավարին՝ Աբեններին՝ ըսաւ. «Ո՛վ Աբեններ, այս պատանին որո՞ւն տղան է»։ Ու Աբեններ ըսաւ. «Կենդանի է քու անձդ, ո՛վ թագաւոր, որ չեմ գիտեր»։ 56 Եւ թագաւորը ըսաւ. «Հարցուր թէ այս պատանին որո՞ւն տղան է»։ 57 Երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն ետ դարձաւ, Աբեններ առաւ զանիկա ու Սաւուղին առջեւ տարաւ ու Փղշտացիին գլուխը անոր ձեռքն էր։ 58 Սաւուղ ըսաւ անոր. «Որո՞ւն տղան ես դուն, պատանի»։ Ու Դաւիթ ըսաւ. «Քու ծառադ Բեթլեհեմացի Յեսսէին տղան եմ»։

18 1 Երբ Սաւուղին հետ խօսիլը լմնցուց, Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա։ Նոյն օրը Սաւուղ զանիկա առաւ ու թող չտուաւ որ իր հօրը տունը դառնայ։ Յովնաթան Դաւիթին հետ ուխտ ըրաւ, քանզի իր անձին պէս կը սիրէր զանիկա։ Յովնաթան իր վրայի վերարկուն հանեց եւ զանիկա ու իր հանդերձները, մինչեւ իսկ իր սուրը, իր աղեղն ու իր գօտին Դաւիթին տուաւ։ Դաւիթ ամէն տեղ կ’երթար, ուր որ Սաւուղ զանիկա կը ղրկէր ու իմաստութեամբ կը վարուէր։ Սաւուղ զանիկա պատերազմական մարդոց վրայ կեցուց ու բոլոր ժողովուրդին ու Սաւուղի ծառաներուն ալ հաճոյ եղաւ։

ՍԱՒՈՒՂ ԴԱՒԻԹԻՆ ԿԸ ՆԱԽԱՆՁԻ

Երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն կը դառնար ու զօրքերը կու գային, Իսրայէլի բոլոր քաղաքներէն կիները երգելով ու պար բռնելով, թմբուկներով, ուրախութեամբ ու ծնծղաներով Սաւուղ թագաւորը դիմաւորելու ելան։ Պար բռնող կիները կ’երգէին ու կ’ըսէին.

«Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ,

Իսկ Դաւիթ՝ բիւրաւորները»։

Սաւուղ խիստ բարկացաւ ու այս խօսքին համար դժգոհեցաւ ու ըսաւ. «Բիւրաւորները Դաւիթին տուին ու հազարաւորները ինծի տուին։ Հիմա թագաւորութենէ ուրիշ ի՞նչ պակաս մնաց անոր» Այն օրէն սկսեալ Սաւուղ ծուռ աչքով կը նայէր Դաւիթին։

10 Հետեւեալ օրը Սաւուղին վրայ Աստուծմէ չար ոգի եկաւ ու տանը մէջ մարգարէութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ուրիշ անգամներու պէս իր ձեռքով քնար կը զարնէր ու Սաւուղին ձեռքը նիզակ մը կար։ 11 Եւ Սաւուղ նիզակը նետեց՝ ըսելով. «Դաւիթը պատին վրայ պիտի գամեմ»։ Բայց Դաւիթ անոր առջեւէն երկու անգամ մէկդի քաշուեցաւ։ 12 Սաւուղ Դաւիթին երեսէն կը վախնար, քանզի Տէրը անոր հետ էր. բայց Սաւուղէն հեռացեր էր։ 13 Սաւուղ զանիկա իր քովէն հեռացուց ու հազարապետ ըրաւ։ Անիկա ժողովուրդին առջեւ կ’ելլէր ու կը մտնէր։ 14 Դաւիթ իր բոլոր ճամբաներուն մէջ իմաստութեամբ կը վարուէր ու Տէրը անոր հետ էր։ 15 Սաւուղ անոր իմաստութեամբ վարուիլը տեսնելով անոր երեսէն կը վախնար։ 16 Բոլոր Իսրայէլ եւ Յուդա Դաւիթը կը սիրէին, քանզի անոնց առջեւ անիկա կ’ելլէր ու կը մտնէր։

17 Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ահա իմ մեծ աղջիկս Մերովբը քեզի կնութեան պիտի տամ, միայն թէ դուն ինծի զօրաւոր մէկը եղիր ու Տէրոջը պատերազմները պատերազմէ. քանզի Սաւուղ ըսաւ. «Անոր վրայ իմ ձեռքս թող չըլլայ, այլ Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ»։ 18 Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ ու իմ կեանքս կամ իմ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է, որ թագաւորին փեսայ ըլլամ»։ 19 Սաւուղին աղջիկը Մերովբը Դաւիթին տրուելու տեղ՝ Մաուլացի Եդրիէլին տրուեցաւ։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ԱՂՋԿԱՆ ՀԵՏ Կ’ԱՄՈՒՍՆԱՆԱՅ

20 Սաւուղին Մեղքող աղջիկը կը սիրէր Դաւիթը. երբ Սաւուղին իմացուցին, այս բանը անոր աչքերուն հաճոյ երեւցաւ։ 21 Սաւուղ ըսաւ. «Ես զանիկա անոր տամ, որպէս զի անոր որոգայթ ըլլայ ու Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ ըլլայ»։ Ուստի Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ինծի երկրորդ փեսայ եղիր»։ 22 Սաւուղ իր ծառաներուն հրամայեց, որ Դաւիթին հետ ծածկաբար խօսին ու ըսեն. «Ահա թագաւորը քեզ հաւներ է ու անոր բոլոր ծառաները քեզ կը սիրեն. ուստի հիմա թագաւորին փեսայ եղիր»։ 23 Սաւուղին ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին ականջներուն խօսեցան։ Դաւիթ ըսաւ. «Թագաւորին փեսայ ըլլալը ձեր աչքին պզտի՞կ բան կ’երեւնայ. քանզի ես աղքատ ու աննշան մարդ մըն եմ»։ 24 Սաւուղին ծառաները իրեն իմացուցին ու ըսին. «Դաւիթ այսպէս խօսեցաւ»։ 25 Սաւուղ ըսաւ. «Դաւիթին այսպէս ըսէք. ‘Թագաւորը ուրիշ օժիտ չուզեր, բայց միայն Փղշտացիներէն հարիւր անթլփատութիւն, որպէս զի թագաւորին թշնամիներէն վրէժ առնուի’» (Սաւուղ կը խորհէր Դաւիթը Փղշտացիներու ձեռքը մատնել)։ 26 Ու երբ անոր ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին իմացուցին, Դաւիթին աչքերուն աղէկ երեւցաւ թագաւորին փեսայ ըլլալը, 27 Ուստի օրերուն լմննալէն առաջ՝ Դաւիթ ելաւ ու իր մարդոցմով գնաց եւ Փղշտացիներէն երկու հարիւր մարդ մեռցուց ու Դաւիթ անոնց անթլփատութիւնները բերաւ ու զանոնք լման թագաւորին տուին, որպէս զի թագաւորին փեսայ ըլլայ։ Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը կնութեան տուաւ անոր։ 28 Սաւուղ երբ տեսաւ ու հասկցաւ թէ Տէրը Դաւիթին հետ է ու իր Մեղքող աղջիկը զանիկա կը սիրէ, 29 Սաւուղ ա՛լ աւելի վախցաւ Դաւիթէն։ Սաւուղ շարունակ Դաւիթին թշնամութիւն կ’ընէր։ 30 Ու Փղշտացիներու իշխանները ելան ու անոնց ելլելէն ետքը Դաւիթ Սաւուղին բոլոր ծառաներէն աւելի իմաստութեամբ կը վարուէր ու անոր անունը շատ հռչակուեցաւ։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԷՆ ԿԸ ՀԱԼԱԾՈՒԻ

19 1 Սաւուղ իր որդիին Յովնաթանին ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ, որ Դաւիթը մեռցնեն։ Բայց Սաւուղին որդին՝ Յովնաթան Դաւիթը շատ կը սիրէր ու Յովնաթան Դաւիթին իմացուց ու ըսաւ. «Իմ հայրս Սաւուղ քեզ մեռցնել կ’ուզէ. ուրեմն մինչեւ առտու զգոյշ կեցիր ու ծածուկ տեղ մը նստէ ու պահուէ՛, Իսկ ես ելլեմ եւ քու նստած արտիդ մէջ հօրս քով կենամ ու քեզի համար իմ հօրս խօսիմ եւ ինչ որ իմանամ՝ քեզի պիտի պատմեմ»։ Յովնաթան Դաւիթին վրայով աղէկ խօսքեր խօսեցաւ իր հօրը Սաւուղին եւ անոր ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քու ծառայիդ Դաւիթին դէմ մեղք մի՛ գործեր. քանզի անիկա քեզի դէմ մեղք մը չըրաւ ու անոր գործերը քեզի համար շատ աղէկ են։ Վասն զի իր հոգին ձեռքին մէջ դրաւ ու Փղշտացին զարկաւ եւ Տէրը բոլոր Իսրայէլի մեծ փրկութիւն մը շնորհեց։ Դուն տեսար եւ ուրախացար։ Ինչո՞ւ համար Դաւիթը առանց պատճառի մեռցնելով՝ անմեղ արիւն պիտի թափես»։ Սաւուղ Յովնաթանին խօսքին մտիկ ըրաւ ու Սաւուղ երդում ըրաւ, ըսելով. «Տէրը կենդանի է, որ անիկա պիտի չմեռցուի»։ Յովնաթան Դաւիթը կանչեց ու Յովնաթան այս բոլոր խօսքերը անոր պատմեց եւ Յովնաթան Դաւիթը Սաւուղին տարաւ ու անիկա կրկին անոր առջեւ կը կենար։

Նորէն պատերազմ եղաւ ու Դաւիթ ելաւ Փղշտացիներուն հետ պատերազմեցաւ ու անոնց մեծ կոտորած մը ըրաւ։ Անոնք անոր առջեւէն փախան։ Սաւուղին վրայ Տէրոջմէն չար ոգի եկաւ եւ անիկա իր տունը կը նստէր ու նիզակը իր ձեռքն էր, Դաւիթ ալ իր ձեռքով նուագարանը կը զարնէր։ 10 Եւ Սաւուղ ուզեց, որ Դաւիթը նիզակով զարնէ ու պատին գամէ. բայց անիկա Սաւուղին երեսէն մէկդի քաշուեցաւ։ Սաւուղ նիզակը պատին զարկաւ, բայց Դաւիթ փախաւ եւ այն գիշերը ազատեցաւ։ 11 Բայց Սաւուղ Դաւիթին տունը մարդիկ ղրկեց, որպէս զի զանիկա պաշարեն ու առաւօտուն մեռցնեն։ Սակայն Դաւիթին կինը՝ Մեղքող՝ անոր իմացուց ու ըսաւ. «Եթէ այս գիշեր քու անձդ չապրեցնես, վաղը քեզ պիտի մեռցնեն»։ 12 Ուստի Մեղքող Դաւիթը պատուհանէն վար իջեցուց եւ անիկա փախաւ գնաց ու ազատեցաւ։ 13 Ու Մեղքող արձան մը առաւ եւ զանիկա անկողինին մէջ դրաւ ու անոր գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը դրաւ եւ զանիկա ծածկոցով մը ծածկեց։ 14 Ու երբ Սաւուղ մարդիկ ղրկեց Դաւիթը բռնելու համար, անիկա ըսաւ. «Հիւանդ է»։ 15 Սաւուղ նորէն մարդիկ ղրկեց Դաւիթը տեսնելու համար ու ըսաւ. «Զանիկա մահիճովը ինծի բերէք, որպէս զի մեռցնեմ»։ 16 Երբ մարդիկը եկան, անկողնին մէջ արձան մը կար ու գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը։ 17 Եւ Սաւուղ Մեղքողին ըսաւ. «Զիս ինչո՞ւ համար այսպէս խաբեցիր ու իմ թշնամիս թող տուիր որ ազատուի»։ Մեղքող Սաւուղին ըսաւ. «Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Թող տուր զիս որպէս զի երթամ. ինչո՞ւ մեռցնեմ քեզ’»։

18 Այսպէս փախաւ Դաւիթ ու ազատեցաւ եւ Ռամա գնաց Սամուէլին քով ու անոր պատմեց այն ամէնը՝ որ Սաւուղ ըրեր էր իրեն։ Անիկա Սամուէլին հետ գնաց ու Նաւաթի մէջ բնակեցան։ 19 Սաւուղին իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ռամայի Նաւաթին մէջ է»։ 20 Այն ատեն Սաւուղ մարդիկ ղրկեց որպէս զի Դաւիթը բռնեն ու անոնք մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն խումբը եւ անոնց վրայ կեցող Սամուէլը երբ տեսան, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին ղրկած մարդոց վրայ եկաւ ու անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ 21 Երբ Սաւուղին իմացուցին, ուրիշ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ Սաւուղ նորէն երրորդ անգամ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ 22 Այն ատեն ինք ալ Ռամա գնաց ու մինչեւ Սոկքովի մեծ ջրհորը գալով, հարցուց ու ըսաւ. «Սամուէլ ու Դաւիթ ո՞ւր են»։ Եւ մարդ մը ըսաւ. «Ահա անոնք Ռամայի Նաւաթն են»։ 23 Ուստի Ռամայի Նաւաթը գնաց եւ անոր վրայ ալ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու մինչեւ Ռամայի Նաւաթը հասնիլը ճամբան երթալով մարգարէութիւն կ’ընէր։ 24 Եւ անիկա ալ իր լաթերը հանեց ու Սամուէլին առջեւ ինքն ալ մարգարէութիւն ըրաւ եւ այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը մերկ ինկաւ գետինը. անոր համար ըսուեցաւ. «Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։

ՅՈՎՆԱԹԱՆ ԴԱՒԻԹԻՆ Կ’ՕԳՆԷ

20 1 Դաւիթ Ռամայի Նաւաթէն փախաւ ու գնաց Յովնաթանին առջեւ ու ըսաւ. «Ես ի՞նչ ըրեր եմ, յանցանքս ի՞նչ է ու ի՞նչ մեղք գործեր եմ քու հօրդ առջեւ, որ անիկա զիս մեռցնել կ’ուզէ»։ Յովնաթան ըսաւ անոր. «Քա՜ւ լիցի, դուն պիտի չմեռնիս. ահա իմ հայրս մեծ կամ պզտիկ բան մը չ’ըներ առանց ինծի յայտնելու։ Իմ հայրս ինչո՞ւ համար այդ բանը ինձմէ պիտի պահէ։ Այդպիսի բան չկայ»։ Իսկ Դաւիթ երդում ալ ըրաւ ու ըսաւ. «Քու հայրդ աղէկ գիտէ, որ ես քու առջեւդ շնորհք գտեր եմ. անոր համար կ’ըսէ թէ՝ ‘Յովնաթան այս բանը թող չգիտնայ, չըլլայ թէ վշտանայ’. բայց կենդանի է Տէրը ու կենդանի է քու անձդ, որ իմ ու մահուան մէջտեղ միայն մէկ քայլ մնացեր է»։ Յովնաթան ըսաւ Դաւիթին. «Սրտիդ ուզած բանը ինծի ըսէ ու ես քեզի ընեմ»։ Դաւիթ ըսաւ Յովնաթանին. «Ահա վաղը ամսագլուխ է ու պէտք է որ ես թագաւորին հետ կերակուր ուտելու համար սեղան նստիմ. սակայն թոյլատրէ, որ մինչեւ երրորդ օրուան իրիկունը դաշտին մէջ պահուիմ։ Եթէ քու հայրդ զիս փնտռելու ըլլայ, ըսէ թէ Դաւիթ ինծի շատ աղաչեց, որ աճապարանքով իր քաղաքը Բեթլեհէմ երթայ. քանզի հոն իր բոլոր ազգատոհմին տարեկան զոհը պիտի ըլլայ։ Եթէ հայրդ ըսէ՝ ‘Աղէկ’, ըսել է քու ծառայիդ խաղաղութիւն է. բայց եթէ խիստ բարկանայ, գիտցիր թէ անիկա որոշեր է ինծի չարութիւն ընել։ Ուստի ծառայիդ ողորմութիւն ըրէ՛, քանզի դուն քու ծառայիդ հետ Տէրոջը անունովը ուխտ ըրիր ու եթէ իմ վրաս յանցանք մը կայ, դուն մեռցուր զիս. ինչո՞ւ համար զիս քու հօրդ տանիս»։ Յովնաթան ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, որ ես ստոյգ գիտնալով թէ իմ հօրս կողմանէ քեզի համար չարիք որոշուած է, քեզի չիմացնեմ»։ 10 Ու Դաւիթ ըսաւ Յովնաթանին. «Հապա եթէ քու հայրդ քեզի խստութեամբ պատասխան տայ, ինծի ո՞վ պիտի իմացնէ»։ 11 Յովնաթան ըսաւ Դաւիթին. «Եկուր, դաշտը ելլենք» ու երկուքը դաշտը ելան։ 12 Եւ Յովնաթան ըսաւ Դաւիթին. «Վկայ է Իսրայէլի Տէր Աստուածը. եթէ վաղը այս ատեն կամ միւս օր իմ հայրս քննելով տեսնեմ թէ քեզի համար աղէկութիւն մը կայ եւ նոյն ատեն մարդ չղրկեմ ու քեզի չյայտնեմ, 13 Տէրը Յովնաթանին այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ. բայց եթէ իմ հայրս քեզի չարութիւն մը ընել ուզէ, զանիկա ալ քեզի պիտի յայտնեմ ու քեզ պիտի արձակեմ, որպէս զի խաղաղութեամբ երթաս ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս իմ հօրս հետ էր։ 14 Եւ ոչ միայն իմ կենդանութեանս ատեն դուն ինծի Տէրոջը ողորմութիւնը ընես՝ որպէս զի ես չմեռնիմ, 15 Այլ քու ողորմութիւնդ իմ տունէս յաւիտեան չկտրես, ոչ ալ այն ատեն երբ Տէրը քու բոլոր թշնամիներդ երկրի վրայէն վերցնէ»։ 16 Եւ Յովնաթան Դաւիթին տանը հետ դաշնակցութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Տէրը թող Դաւիթին թշնամիներէն վրէժ առնէ»։ 17 Յովնաթան Դաւիթին նորէն երդում ընել տուաւ՝ զանիկա սիրելուն համար. քանզի զանիկա իր անձին պէս կը սիրէր։ 18 Յովնաթան անոր ըսաւ. «Վաղը ամսագլուխ է ու դուն պիտի փնտռուիս, քանզի քու տեղդ պարապ պիտի մնայ։ 19 Երրորդ օրը շուտով իջի՛ր եւ եկո՛ւր այն տեղ՝ ուր գործին օրը պահուեցար եւ Եզելի քարին վրայ նստի՛ր։ 20 Ես անոր քով նշանի մը նետելու պէս՝ երեք նետ պիտի նետեմ 21 Եւ մանչը պիտի ղրկեմ՝ ըսելով. ‘Գնա՛, նետերը գտիր’։ Եթէ մանչուն ըսեմ՝ ‘Ահա նետերը քեզմէ ասդին են, զանոնք առ’, այն ատեն եկուր, քանզի խաղաղութիւն է։ Տէրը կենդանի է որ բան մը չկայ։ 22 Բայց եթէ մանչուն ըսեմ՝ ‘Նետերը քեզմէ անդին են’, այն ատեն գնա՛, քանզի Տէրը քեզ կը ղրկէ։ 23 Այս խօսքին համար, որ ես ու դուն խօսեցանք, ահա Տէրը իմ ու քու մէջտեղ յաւիտեան վկայ թող ըլլայ»։

24 Դաւիթ դաշտին մէջ պահուեցաւ եւ ամսագլուխը հասնելով՝ թագաւորը կերակուր ուտելու համար սեղան նստաւ։ 25 Թագաւորը իր սովորութեանը պէս իր աթոռը՝ պատին կռթնած աթոռը՝ նստաւ ու Յովնաթան ոտքի ելաւ եւ Սաւուղին քով Աբեններ նստաւ, բայց Դաւիթին տեղը պարապ մնաց։ 26 Սաւուղ այն օրը բան մը չխօսեցաւ, քանզի ըսաւ. «Անոր բան մը պատահեր է. անիկա մաքուր չէ, անտարակոյս մաքուր պիտի չըլլայ»։ 27 Հետեւեալ օրը, ամսուան երկրորդ օրն ալ, Դաւիթին տեղը պարապ էր. ուստի Սաւուղ իր որդիին Յովնաթանին ըսաւ. «Յեսսէին որդին ինչո՞ւ համար երէկ ու այսօր սեղան չեկաւ»։ 28 Եւ Յովնաթան Սաւուղին պատասխանեց. «Դաւիթ ինծի շատ աղաչեց որ Բեթլեհէմ երթայ 29 Ու ըսաւ՝ ‘Շնորհք ըրէ, զիս ղրկէ, քանզի այն քաղաքին մէջ մեր ազգատոհմը զոհ կ’ընէ ու իմ եղբայրս ինծի պատուիրած է եւ եթէ քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտեր եմ, կ’աղաչեմ զիս թող տուր որ երթամ ու եղբայրներս տեսնեմ’. այս պատճառով թագաւորին սեղանը չեկաւ»։ 30 Սաւուղին բարկութիւնը բորբոքեցաւ Յովնաթանին դէմ ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ ապստամբ ու չար զաւակ, ես չե՞մ գիտեր թէ դուն Յեսսէին որդին ընտրեցիր քեզ ու մայրդ խայտառակելու համար։ 31 Քանզի՝ քանի որ Յեսսէի որդին երկրի վրայ ողջ է, դուն պիտի չհաստատուիս, ոչ ալ քու թագաւորութիւնդ. ուստի հիմա մարդ ղրկէ ու զանիկա ինծի բե՛ր։ Անիկա մահու արժանի է»։ 32 Յովնաթան իր հօրը Սաւուղին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար պիտի մեռցուի, անիկա ի՞նչ ըրաւ»։ 33 Սաւուղ նիզակը նետեց անոր, որպէս զի զանիկա զարնէ։ Այն ատեն Յովնաթան իմացաւ թէ իր հայրը որոշեր է Դաւիթը մեռցնել։ 34 Յովնաթան սաստիկ բարկութեամբ սեղանէն ելաւ ու ամսուան երկրորդ օրը կերակուր չկերաւ. քանզի Դաւիթին համար սիրտը կոտրեցաւ, որովհետեւ իր հայրը զանիկա անարգեց։

35 Յովնաթան առաւօտուն դաշտը ելաւ, ինչպէս Դաւիթին հետ որոշեր էր։ Իրեն հետ պզտիկ մանչ մը կար։ 36 Իր մանչուն ըսաւ. «Վազէ ու այս իմ նետած նետերս գտիր»։ Մանչուն վազած ատենը անիկա նետը անկէ անդին նետեց։ 37 Երբ մանչը Յովնաթանին նետած նետին տեղը գնաց, Յովնաթան մանչուն ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ. «Նետը քեզմէ անդին է»։ 38 Յովնաթան մանչուն ետեւէն կանչեց. «Շուտ ըրէ՛, աճապարէ՛, մի՛ կենար»։ Յովնաթանին մանչը նետերը հաւաքեց, իր տիրոջը եկաւ։ 39 Բայց մանչը բան մը չէր գիտեր։ Այս բանը միայն Յովնաթան ու Դաւիթ գիտէին։ 40 Յովնաթան իր գործիքները իր մանչուն տուաւ ու անոր ըսաւ. «Գնա՛, քաղաքը տար» 41 Ու երբ մանչը գնաց, Դաւիթ հարաւային կողմէն ելաւ ու երեսի վրայ գետինը ինկաւ ու երեք անգամ երկրպագութիւն ըրաւ եւ մէկզմէկ համբուրեցին ու իրարու վրայ լացին։ Դաւիթ չափէն աւելի շատ լացաւ։ 42 Յովնաթան Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ինչպէս երկուքս ալ Տէրոջը անունովը երդում ըրինք ու ըսինք՝ ‘Տէրը իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ սերունդիս ու քու սերունդիդ մէջտեղ վկայ ըլլայ մինչեւ յաւիտեան’»։

20։43 Եւ Դաւիթ ելաւ գնաց։ Յովնաթան ալ քաղաքը դարձաւ։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԷՆ ԽՈՅՍ ԿՈՒ ՏԱՅ

21 1 Դաւիթ Նոբ գնաց Աքիմելէք քահանային։ Աքիմելէք զարհուրելով Դաւիթը դիմաւորեց ու անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մինակ ես ու քեզի հետ մարդ չկայ»։ Եւ Դաւիթ Աքիմելէք քահանային ըսաւ. «Թագաւորը ինծի բան մը հրամայեց ու ինծի ըսաւ. ‘Մա՛րդ թող չգիտնայ այն բանը որուն համար քեզ կը ղրկեմ ու ինչ որ քեզի հրամայեցի’։ Ես մանչերուն մէկ–մէկ տեղ որոշեր եմ։ Հիմա ի՞նչ կայ ձեռքիդ տակ։ Ինծի հինգ հատ հաց տուր, կամ ինչ որ կը գտնուի»։ Քահանան Դաւիթին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ձեռքիս տակ հասարակ հաց չկայ, միայն սուրբ հաց կայ. եթէ մանչերը գոնէ կիներէ զգուշացած են՝ թող ուտեն»։ Դաւիթ քահանային պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. «Իրաւցնէ կիները մեզմէ հեռու են իմ ճամբայ ելած օրէս, այսինքն երէկուընէ ու միւս օրուընէ եւ մանչերուն ամանները մաքուր են եւ այս ալ հասարակ հաց կրնայ սեպուիլ, մանաւանդ որ այսօր ամաններուն մէջ ուրիշ հաց կը սրբագործուի»։ Ուստի քահանան սուրբ հացը տուաւ անոր. քանզի հոն ուրիշ հաց չկար, բայց միայն առաջաւորութեան հացը, որ Տէրոջը առջեւէն կը վերցուէր ու վերցուած օրը տաք հաց կը դրուէր։ Այն օրը Սաւուղին ծառաներէն մէկը արգելափակուած էր ու անոր անունը Եդովմայեցի Դովեկ էր. անիկա Սաւուղին հովիւներուն գլուխն էր։ Դաւիթ Աքիմելէքին ըսաւ. «Այստեղ քու ձեռքիդ տակ նիզակ մը կամ սուր մը չկա՞յ. քանզի թագաւորին գործին ստիպողական ըլլալուն համար իմ սուրս ու զէնքերս ինծի հետ չառի»։ Քահանան ըսաւ. «Ահա Փղշտացի Գողիաթին սուրը՝ որ Էլայի հովիտին մէջ մեռցուցիր, անիկա եփուտին ետեւը լաթի մը մէջ փաթթուած կը կենայ. եթէ կ’ուզես զանիկա առնել՝ ա՛ռ, քանզի հոս անկէ ուրիշ չկայ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Անոր նմանը չկայ. զանիկա ինծի տուր»։

10 Այն օրը Դաւիթ ելաւ ու Սաւուղին երեսէն փախաւ եւ Գէթի Անքուս թագաւորին գնաց։ 11 Անքուսին ծառաները անոր ըսին. «Երկրին թագաւորը՝ Դաւիթը ասիկա չէ՞. ասոր համար չէ՞ր որ պար բռնողները կ’երգէին ու կ’ըսէին.

Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ,

Իսկ Դաւիթ իր բիւրաւորները»։

12 Դաւիթ այս խօսքերը իր սրտին մէջ դրաւ ու Գէթի թագաւորին Անքուսին երեսէն շատ վախցաւ։ 13 Անոնց առջեւ իր դէմքը փոխելով՝ անոնց ձեռքին տակ զինք խենթ ձեւացուց. դռներու փեղկերուն վրայ նշաններ կը գծէր ու լորձունքները մօրուքին վրայ կը վազցնէր։ 14 Եւ Անքուս իր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա այս մարդուն խենթ ըլլալը տեսաք, զանիկա ինչո՞ւ համար ինծի բերիք։ 15 Միթէ ես խենթերու կարօ՞տ եմ, որ ատիկա իմ առջեւս բերիք խենթութիւն ընելու համար. ատիկա իմ տո՞ւնս պիտի մտնէ»։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՋԱՐԴԸ

22 1 Դաւիթ անկէ գնաց ու ողջ առողջ Ոդողոմի քարայրը հասաւ։ Իր եղբայրները եւ իր հօրը բոլոր տունը լսեցին ու անոր գացին։ Բոլոր նեղութեան մէջ եղող, պարտք ունեցող ու սիրտը վիրաւորուած մարդիկը անոր քով հաւաքուեցան եւ անիկա անոնց վրայ զօրագլուխ եղաւ ու անոր քով չորս հարիւրի չափ մարդ հաւաքուեցան։

Դաւիթ անկէ Մովաբի Մասփան գնաց ու Մովաբի թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, իմ հայրս ու մայրս ձեր քով թող կենան, մինչեւ որ գիտնամ թէ Աստուած ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։ Զանոնք Մովաբի թագաւորին առջեւ բերել տուաւ եւ անոնք անոր քով բնակեցան որչափ ժամանակ որ Դաւիթ բերդին մէջ էր։

Գադ Մարգարէն Դաւիթին ըսաւ. «Բերդին մէջ մի՛ նստիր, ելի՛ր Յուդայի երկիրը գնա»։ Դաւիթ գնաց Հարեթի անտառը մտաւ։

Սաւուղ լսեց թէ Դաւիթ ու անոր հետ եղող մարդիկը գտնուեր են։ Սաւուղ Գաբաայի մէջ Ռամայի ծառին տակ նստեր էր ու նիզակը իր ձեռքն էր եւ իր բոլոր ծառաներն ալ իր բոլորտիքը կեցեր էին։ Սաւուղ իր քովի ծառաներուն ըսաւ. «Ո՛վ որդիներ Բենիամինի, մտիկ ըրէ՛ք. միթէ Յեսսէին որդին ամենուդ ալ արտեր ու այգինե՞ր պիտի տայ. ամէնքդ ալ հազարապետներ ու հարիւրապետնե՞ր պիտի ընէ, Որ ամէնքդ ինծի դէմ միաբաներ էք ու Յեսսէին որդիին իմ որդիիս հետ ըրած դաշնակցութիւնը իմ ականջիս ըսող մը չկայ եւ ձեր մէջ մարդ մը չկայ, որ ինծի համար ցաւի ու ինծի յայտնէ թէ իմ որդիս իմ ծառաս ինծի դէմ հանեց, որպէս զի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս դուք այսօր կը տեսնէք»։

Սաւուղին ծառաներուն վերակացուն, Եդովմայեցի Դովեկը, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յեսսէին որդին տեսայ, որ Նոբ եկաւ Աքիտովբի որդիին Աքիմելէքին։ 10 Անիկա Դաւիթին համար Տէրոջը հարցուց ու անոր պաշար տուաւ եւ անոր Փղշտացի Գողիաթին սուրը տուաւ»։

11 Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Աքիտովբի որդին Աքիմելէք քահանան ու անոր հօրը բոլոր տունը, Նոբի մէջ եղող քահանաները, կանչեց ու ամէնքն ալ թագաւորին եկան։ 12 Սաւուղ ըսաւ. «Ո՛վ որդի Աքիտովբի, մտիկ ըրէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ, տէր իմ»։ 13 Եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ու Յեսսէին որդին ինծի դէմ միաբանեցաք ու դուն անոր հաց ու սուր տուիր եւ անոր համար Աստուծոյ հարցուցիր, որպէս զի անիկա ելլէ ինծի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ»։ 14 Աքիմելէք պատասխան տուաւ թագաւորին ու ըսաւ. «Քու բոլոր ծառաներուդ մէջ ո՞վ Դաւիթին պէս հաւատարիմ է, որ թագաւորի՝ փեսայ, քու ատեանիդ՝ վերակացու ու քու տանդ մէջ պատուաւոր է։ 15 Միթէ այսօ՞ր սկսայ անոր համար հարցնելու, քա՜ւ լիցի. թագաւորը իր ծառային վրայ ու իմ հօրս բոլոր տանը վրայ այսպիսի բան մը թող չվերագրէ, քանզի քու ծառադ այս բոլոր բաներէն պզտիկ կամ մեծ բան մը չէր գիտեր»։ 16 Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Աքիմելէք, անպատճառ պիտի մեռնիք, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու հօրդ բոլոր տունը»։ 17 Թագաւորը իր քով կայնող սուրհանդակներուն ըսաւ. «Դարձէ՛ք, Տէրոջը քահանաները մեռցուցէ՛ք, քանզի անոնց ձեռքն ալ Դաւիթին հետ է, որովհետեւ անոր փախչիլը գիտնալով՝ ինծի չյայտնեցին»։ Բայց թագաւորին ծառաները չուզեցին իրենց ձեռքը երկնցնել՝ Տէրոջը քահանաները զարնելու։ 18 Թագաւորը Դովեկին ըսաւ. «Դո՛ւն դարձիր ու քահանաները զա՛րկ»։ Եդովմայեցի Դովեկ դարձաւ եւ քահանաները զարկաւ ու այն օրը անիկա ութսունըհինգ մարդ մեռցուց, որոնք քթանէ եփուտ կը հագնէին։ 19 Քահանաներուն Նոբ քաղաքը սուրի բերնէ անցուց. այր մարդէն մինչեւ կին մարդը, տղայէն մինչեւ կաթնկեր մանուկը ու մինչեւ արջառը, էշն ու ոչխարը սուրի բերնէ անցուց։

20 Աքիտովբեան Աքիմելէքի մէկ որդին, որուն անունը Աբիաթար էր, ազատեցաւ ու փախաւ Դաւիթին ետեւէն գնաց։ 21 Աբիաթար Դաւիթին պատմեց թէ Սաւուղ Տէրոջը քահանաները մեռցուց։ 22 Եւ Դաւիթ Աբիաթարին ըսաւ. «Ես այն օրը գիտէի թէ Եդովմայեցի Դովեկ հոն գտնուելով՝ անշուշտ Սաւուղին պիտի պատմէ։ Քու հօրդ տանը բոլոր մարդոց մահուանը ես պատճառ եղայ։ 23 Իմ քովս նստէ, մի՛ վախնար. քանզի իմ հոգիս փնտռողը քու հոգիդ ալ կը փնտռէ, բայց դուն իմ քովս ապահով ես։

ԴԱՒԻԹ ԿԷԻԼԱ ՔԱՂԱՔԸ Կ’ԱԶԱՏԷ

23 1 Դաւիթին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա Փղշտացիները Կէիլայի հետ պատերազմ կ’ընեն ու կալերը կը կողոպտեն»։ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Երթամ այս Փղշտացիները զարնե՞մ»։ Տէրը Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ Փղշտացիները զա՛րկ ու Կէիլան ազատէ»։ Դաւիթին մարդիկը անոր ըսին. «Ահա մենք հոս Յուդայի մէջ կը վախնանք. ալ ո՜րչափ աւելի՝ եթէ Կէիլա երթանք Փղշտացիներուն գունդերուն դէմ»։ Դաւիթ նորէն Տէրոջը հարցուց։ Տէրը անոր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ելի՛ր, Կէիլա իջի՛ր, քանզի ես Փղշտացիները քու ձեռքդ պիտի տամ»։ Եւ Դաւիթ իր մարդոցմով Կէիլա գնաց ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց անասունները առաւ եւ զանոնք մեծ հարուածով մը զարկաւ ու Դաւիթ Կէիլայի բնակիչները ազատեց։ Եւ Աքիմելէքին որդին Աբիաթար Դաւիթին քով Կէիլա փախած ատեն եփուտը ձեռքը բռնած իջաւ։

Երբ Սաւուղին իմացուցին թէ Դաւիթ Կէիլա մտեր է, Սաւուղ ըսաւ. «Աստուած իմ ձեռքս մատներ է զանիկա, քանզի դռներ ու նիգեր ունեցող քաղաքի մը մէջ մտեր գոցուեր է»։ Սաւուղ բոլոր ժողովուրդը պատերազմի կանչեց, որպէս զի Կէիլա իջնէ ու Դաւիթը եւ անոր մարդիկը պաշարէ։ Իսկ Դաւիթ իմանալով, որ Սաւուղ իրեն համար գաղտուկ չարութիւն մը կը ծրագրէ, Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Եփուտը մօտեցուր»։ 10 Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, քու ծառադ ստոյգ լսեց թէ Սաւուղ Կէիլայի վրայ գալ կ’ուզէ, որպէս զի քաղաքը իմ պատճառովս աւերէ. 11 Արդեօք Կէիլայի բնակիչները զիս անոր ձեռքը պիտի մատնե՞ն ու ծառայիդ լսածին պէս Սաւուղ հոս պիտի իջնէ՞. ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, կ’աղաչեմ, ծառայիդ յայտնէ»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Պիտի իջնէ»։ 12 Դաւիթ ըսաւ. «Կէիլայի բնակիչները զիս ու իմ մարդիկս Սաւուղի ձեռքը պիտի մատնե՞ն»։ Տէրը ըսաւ. «Պիտի մատնեն»։ 13 Ուստի Դաւիթ ու իր մարդիկը, վեց հարիւր մարդու չափ, ելան Կէիլայէն գացին եւ ո՛ւր որ կրնային երթալ՝ գացին։ Երբ Դաւիթին Կէիլայէն ելլելը Սաւուղին իմացուցին, Սաւուղ հոն երթալէն ետ կեցաւ։

ԴԱՒԻԹ ԱՄՈՒՐ ՏԵՂԵՐՈՒ ՄԷՋ

14 Դաւիթ անապատին մէջ ամուր տեղեր կը նստէր ու Զիփի անապատին մէջ լերան մը վրայ նստաւ։ Սաւուղ ամէն օր զանիկա կը փնտռէր, բայց Աստուած անոր ձեռքը չմատնեց զանիկա։ 15 Դաւիթ տեսնելով որ Սաւուղ իր անձը փնտռելու ելեր է, Զիփի անապատէն անտառի մը մէջ քաշուեցաւ։

16 Սաւուղին որդին Յովնաթան ելաւ անտառը գնաց Դաւիթին ու անոր ձեռքը Աստուծմով զօրացուց։ 17 Եւ անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի իմ հօրս Սաւուղին ձեռքը քեզ պիտի չգտնէ։ Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ։ Այս բանը իմ հայրս Սաւուղ ալ գիտէ»։ 18 Ու երկուքը Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրին եւ Դաւիթ անտառին մէջ մնաց, բայց Յովնաթան իր տունը դարձաւ։

19 Զիփացիք Գաբաա ելան Սաւուղին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ մեր քով ամուր տեղերը անտառին մէջ, Եքեղա բլուրին վրայ, Եսիմոնի հարաւային կողմը պահուած է։ 20 Հիմա, ո՛վ թագաւոր, եթէ քու անձդ իջնելու կը փափաքի՝ իջի՛ր ու զանիկա թագաւորին ձեռքը մատնելը մեր գործն է»։ 21 Սաւուղ ըսաւ. «Դուք Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաք, որ ինծի ցաւակից եղաք։ 22 Ուրեմն գացէ՛ք ու աւելի աղէկ դիտեցէ՛ք եւ անոր ոտքին կոխած տեղը դիտեցէ՛ք ու տեսէ՛ք եւ թէ ո՞վ զանիկա հոն տեսեր է. քանզի ինծի ըսած են թէ անիկա շատ խորամանկ է։ 23 Ուստի նայեցէ՛ք ու անոր բոլոր պահուելու տեղերը իմացէ՛ք եւ այսպէս ստուգելով ինծի դարձէ՛ք, որպէս զի ձեզի հետ երթամ ու եթէ անիկա այն երկրին մէջ է, զանիկա Յուդայի հազարաւորներուն մէջ աղէկ մը պիտի փնտռեմ»։ 24 Անոնք ելան եւ Սաւուղին առջեւէն Զիփ գացին։ Դաւիթ իր մարդոցմով Մաոնի անապատը դաշտին մէջ, Եսիմոնի հարաւային կողմը, նստեր էր։ 25 Սաւուղ իր մարդոցմով զանիկա փնտռելու գնաց։ Երբ Դաւիթին իմացուցին՝ վէմը իջաւ եւ Մաոնի անապատին մէջ նստաւ։ 26 Երբ Սաւուղ լերանը այս կողմէն կ’երթար, Դաւիթ ալ իր մարդոցմով լերանը անդիի կողմէն կ’երթար։ Դաւիթ կը փութար որ Սաւուղին երեսէն փախչի, բայց Սաւուղ ու իր մարդիկը Դաւիթին ու անոր մարդոցը չորս կողմը շրջապատեցին, որպէս զի զանոնք բռնեն։ 27 Լրաբեր մը եկաւ ու Սաւուղին ըսաւ. «Շուտով եկո՛ւր, քանզի Փղշտացիները երկիրը կոխեցին»։ 28 Ուստի Սաւուղ Դաւիթը հալածելէն դարձաւ գնաց, որպէս զի Փղշտացիներուն դէմ դնէ. անոր համար այն տեղը Սելա–Մահլէգօթ կոչուեցաւ։

29 24։1 Դաւիթ անկէ ելաւ ու Ենգադդիի ամուր տեղերը նստաւ։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ԽՆԱՅԷ

24 1 24։2 Երբ Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ, անոր իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ենգադդիի անապատին մէջ է»։ 24։3 Սաւուղ բոլոր Իսրայէլէն երեք հազար ընտրուած մարդիկ առաւ ու գնաց, որպէս զի Դաւիթն ու անոր մարդիկը փնտռէ այծեամներու ժայռերուն վրայ։ 24։4 Ճամբուն վրայ եղող ոչխարներուն փարախները եկաւ ու հոն քարայր մը կար։ Սաւուղ հարկաւորութեան համար ներս մտաւ։ Դաւիթ իր մարդոցմով ներսը նստեր էր։ 24։5 Դաւիթին մարդիկը անոր ըսին. «Ահա Տէրոջը քեզի ըսած օրը ասիկա է, թէ ‘Քու թշնամիդ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’։ Քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։ Դաւիթ ելաւ եւ Սաւուղին վերարկուին ծայրը գաղտուկ կտրեց։ 24։6 Բայց յետոյ Դաւիթին սիրտը զղջաց, Սաւուղին վերարկուին ծայրը կտրելուն համար։ 24։7 Իր մարդոցը ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ Տէրոջը օծեալին, իմ տիրոջս, այս բանը ընեմ, ձեռքս անոր վրայ երկնցնելով. քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է»։ 24։8 Դաւիթ այս խօսքերով իր մարդիկը զսպեց ու չթողուց որ Սաւուղին վրայ յարձակին։ Սաւուղ քարայրէն դուրս ելաւ ու իր ճամբան գնաց։

24։8 Անոր ետեւէն Դաւիթ ալ քարայրէն դուրս ելաւ ու Սաւուղին ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր»։ Երբ Սաւուղ ետին նայեցաւ, Դաւիթ երեսը գետինը ծռելով երկրպագութիւն ըրաւ 24։10 Եւ ըսաւ Սաւուղին. «Ինչո՞ւ համար մարդոց խօսքին մտիկ կ’ընես, որոնք քեզի կ’ըսեն թէ՝ ‘Ահա Դաւիթ քեզի չարութիւն ընել կը ջանայ’։ 10 24։11 Ահա այսօր քու աչքերդ կը տեսնեն, թէ Տէրը այսօր քարայրին մէջ քեզ իմ ձեռքս մատնեց ու ըսին որ քեզ մեռցնեմ, բայց ես քեզի խնայեցի ու ըսի. ‘Ես իմ ձեռքս իմ տիրոջս չեմ երկնցներ, քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է’։ 11 24։12 Տե՛ս, հայր իմ, տե՛ս, քու վերարկուիդ ծայրը իմ ձեռքիս մէջ է ու ես քու վերարկուիդ ծայրը կտրեցի բայց քեզ չմեռցուցի. ասկէ հասկցիր ու տես, թէ իմ ձեռքիս մէջ չարութիւն ու անօրէնութիւն չկայ ու քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած, բայց դուն զիս մեռցնելու կ’աշխատիս։ 12 24։13 Տէրը դատաստան թող ընէ իմ ու քու մէջտեղ ու Տէրը իմ վրէժս քեզմէ թող առնէ. բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։ 13 24։14 Ինչպէս հին առակը կ’ըսէ՝ ‘Անօրէններէն անօրէնութիւն կ’ելլէ’, բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։ 14 24։15 Իսրայէլի թագաւոր, որո՞ւն ետեւէն ինկեր կը հալածես. մեռած շա՞ն ետեւէն, լուի՞ մը ետեւէն ելար։ 15 24։16 Ուստի Տէրը դատաւոր թող ըլլայ եւ իմ ու քու մէջտեղ դատաստան թող ընէ եւ տեսնէ՛ ու պաշտպանէ՛ զիս եւ քու ձեռքէդ ազատէ»։

16 24։17 Երբ Դաւիթ այս խօսքերը Սաւուղին խօսիլը լմնցուց, Սաւուղ ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Սաւուղ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ 17 24։18 Ու Դաւիթին ըսաւ. «Դուն ինձմէ արդար ես. քանզի դուն ինծի բարիք ըրիր, բայց ես քեզի չարիք հատուցանեցի։ 18 24։19 Ու դուն այսօր քու ինծի ըրած աղէկութիւնդ յայտնեցիր, որովհետեւ Տէրը զիս քու ձեռքդ մատնեց, բայց դուն զիս չմեռցուցիր։ 19 24։20 Վասն զի մարդ մը եթէ իր թշնամին գտնելու ըլլայ, զանիկա թող կու տա՞յ որ խաղաղութեամբ երթայ. ուստի այսօր քու ինծի ըրածիդ փոխարէն Տէրը քեզի բարիք թող հատուցանէ։ 20 24։21 Հիմա գիտեմ թէ դուն անշուշտ թագաւոր պիտի ըլլաս ու Իսրայէլի թագաւորութիւնը քու ձեռքիդ մէջ պիտի հաստատուի։ 21 24։22 Հիմա Տէրոջմով ինծի երդում ըրէ՝ թէ ինձմէ ետքը իմ սերունդս պիտի չմեռցնես ու իմ հօրս տունէն իմ անունս բնաջինջ պիտի չընես»։ 22 24։23 Դաւիթ Սաւուղին երդում ըրաւ։ Յետոյ Սաւուղ իր տունը գնաց։ Իսկ Դաւիթ իր մարդոցմով ամուր տեղը ելաւ։

ՍԱՄՈՒԷԼԻՆ ՄԱՀԸ

25 1 Սամուէլ մեռաւ ու բոլոր Իսրայէլ հաւաքուեցան ու անոր համար սուգ ըրին ու զանիկա Ռամայի մէջ իր տունը թաղեցին։ Դաւիթ Փառան անապատը իջաւ։

ԴԱՒԻԹ ԵՒ ԱԲԻԳԻԱ

Մաոնի մէջ մարդ մը կար, որուն գործը Կարմեղոսի մէջ էր։ Անիկա խիստ մեծ մարդ էր ու երեք հազար ոչխար եւ հազար այծ ունէր ու իր ոչխարները ասրակտուր ընելու համար Կարմեղոսի մէջ կը գտնուէր։ Այն մարդուն անունը Նաբաղ էր ու անոր կնոջ անունը Աբիգիա։ Կինը ողջամիտ ու գեղեցկադէմ էր, բայց այրը խստաբարոյ ու չարագործ էր։ Անիկա Քաղեբեան էր։

Դաւիթ անապատին մէջ լսեց թէ Նաբաղ իր ոչխարները ասրակտուր կ’ընէ։ Դաւիթ տասը մանչ ղրկեց եւ մանչերուն ըսաւ. «Կարմեղոս ելէ՛ք ու Նաբաղին գացէ՛ք եւ իմ անունովս անոր ողջութիւնը հարցուցէ՛ք Ու անոր այսպէս ըսէք. ‘Ո՛ղջ կեցիր. քեզի եւ քու տանդ ու քու բոլոր ստացուածքիդ խաղաղութիւն ըլլայ։ Լսեցի թէ ոչխարներդ ասրակտուր կ’ընես. քու հովիւներդ մեզի հետ էին. անոնց վնաս չտուինք որչափ ատեն որ Կարմեղոսի մէջ կեցան, անոնց մէ՛կ բանը չկորսուեցաւ։ Քու մանչերուդ հարցուր ու քեզի թող ըսեն, ուստի անոնք թող քու առջեւդ շնորհք գտնեն, քանզի բարի օր եկանք. շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ ու քու որդիիդ Դաւիթին ձեռքէդ եկածը տուր’»։ Դաւիթին մանչերը գացին ու այս բոլոր խօսքերուն համեմատ Դաւիթին անունովը Նաբաղին ըսին ու կայնեցան։ 10 Նաբաղ Դաւիթին ծառաներուն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դաւիթը ո՞վ է ու Յեսսէին որդին ո՞վ է։ Այս օրերս իրենց տէրերուն երեսէն փախչող ծառաները շատցեր են։ 11 Ես իմ հացս, ջուրս ու ասրակտուր ընողներուս համար մորթած անասուններս առնեմ ու այնպիսի՞ մարդոց տամ, որոնց ուրկէ ըլլալը չեմ գիտեր»։ 12 Դաւիթին մանչերը իրենց ճամբան դարձան ու գացին այս բոլոր խօսքերը անոր պատմեցին։ 13 Դաւիթ իր մարդոցը ըսաւ. «Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը թող կապէ»։ Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը կապեց, Դաւիթ ալ իր սուրը մէջքը կապեց ու Դաւիթին ետեւէն չորս հարիւրի չափ մարդ ելաւ, իսկ երկու հարիւր մարդ հոն կարասիներուն մօտ մնացին։

14 Ծառաներէն մէկը Նաբաղին կնոջ Աբիգիային իմացուց ու ըսաւ. «Ահա Դաւիթ անապատէն մարդիկ ղրկեց մեր տէրը օրհնելու համար. իսկ անիկա խստիւ խօսեցաւ անոնց հետ։ 15 Բայց այն մարդիկը մեզի հետ շատ աղէկ էին ու մեզի վնաս մը չտուին որչափ ատեն որ դաշտի մէջ անոնց հետ պտըտեցանք, մեզմէ բա՛ն մը չկորսուեցաւ։ 16 Անոնք մեզի պարիսպ էին, թէ՛ գիշերը եւ թէ՛ ցորեկը, որչափ ատեն որ անոնց քով ոչխարները կ’արածէինք։ 17 Հիմա մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ընես, քանզի մեր տիրոջը վրայ եւ անոր բոլոր տանը վրայ չարիքը հասած է. որովհետեւ անիկա այնպիսի չար մարդ մըն է, որ անոր հետ մարդ չի կրնար խօսիլ»։

18 Աբիգիա շուտով երկու հարիւր հաց ու երկու տիկ գինի եւ հինգ եփած ոչխար ու հինգ գրիւ բոհրած ցորեն, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու երկու հարիւր շարոց թուզ առաւ ու զանոնք էշերու վրայ դրաւ։ 19 Եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Առջեւս անցէ՛ք, ահա ես ձեր ետեւէն կու գամ»։ Բայց իր էրկանը՝ Նաբաղին չիմացուց։ 20 Երբ կինը իշու վրայ հեծած՝ լերանը գոց տեղէն կ’իջնէր, Դաւիթ ու անոր մարդիկը անոր առջեւ կ’իջնէին ու իրարու հանդիպեցան։ 21 Դաւիթ ըսեր էր. «Ուրեմն անապատին մէջ այս մարդուն բոլոր ունեցած բաները պարապ տեղը պահեր եմ ու անոր բոլոր ունեցածէն բա՛ն մը չկորսուեցաւ եւ անիկա ինծի աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ըրաւ։ 22 Աստուած Դաւիթին թշնամիներուն այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ մինչեւ վաղը առտու անոր մարդոցմէն այր մարդ մը ողջ թողում»։

23 Աբիգիա Դաւիթը տեսածին պէս շուտով իշուն վրայէն իջաւ եւ Դաւիթին առջեւ երեսի վրայ իյնալով մինչեւ գետինը երկրպագութիւն ըրաւ։ 24 Անոր ոտքը ինկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, յանցանքը իմ վրաս թող ըլլայ. բայց հրաման տուր, որ քու աղախինդ քու առջեւդ խօսի եւ քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ։ 25 Կ’աղաչեմ, որ իմ տէրս այս չար մարդուն Նաբաղին համար իր սրտին մէջ բան մը չդնէ, քանզի իր անունին պէս ինք ալ այնպէս է. անոր անունը Նաբաղ է ու անզգամութիւնը իրեն հետ է. բայց ես, քու աղախինդ, իմ տիրոջս ղրկած մանչերը չտեսայ։ 26 Հիմա, ո՛վ տէր իմ, Տէրը կենդանի է ու քու հոգիդ ալ կենդանի է, որ Տէրը քեզ չթողուց որ արիւն թափես ու քու վրէժդ քու ձեռքովդ առնես։ Հիմա քու թշնամիներդ ու իմ տիրոջս գէշութիւն ուզողները Նաբաղին պէս ըլլան։ 27 Հիմա այս ընծան, որ քու աղախինդ իմ տիրոջս բերաւ, թող իմ տիրոջս ետեւէն եկող մանչերուն տրուի։ 28 Կ’աղաչեմ, քու աղախինիդ յանցանքը ներէ. քանզի Տէրը իմ տիրոջս անպատճառ հաստատ տուն պիտի շինէ, որովհետեւ իմ տէրս Տէրոջը պատերազմները պատերազմեցաւ ու քու օրերուդ մէջ քու վրադ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։ 29 Բայց՝ թէեւ քեզ հալածելու ու քու հոգիդ փնտռելու համար մարդ մը ոտքի ելած է, իմ տիրոջս հոգին քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ՝ կեանքի ծրարին մէջ ծրարուած պիտի ըլլայ. բայց Անիկա քու թշնամիներուդ հոգիները պարսատիկի մէջէ ելած քարի պէս պիտի նետէ։ 30 Երբ Տէրը բոլոր քեզի համար ըսած աղէկութիւնները իմ տիրոջս ընէ ու քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր դնէ, 31 Ասիկա քեզի գայթակղութիւն մը ու իմ տիրոջս սրտին խղճի խայթ մը չըլլայ, որ առանց պատճառի արիւն թափեցիր, կամ թէ իմ տէրս իր վրէժը ինք առաւ ու երբ Տէրը իմ տիրոջս բարութիւն ընէ, քու աղախինդ միտքդ բերես»։

32 Եւ Դաւիթ ըսաւ Աբիգիային. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ ղրկեց զիս դիմաւորելու 33 Ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ ու իմ վրէժս ձեռքովս առնեմ 34 Բայց Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ զիս արգիլեց քեզի չարութիւն ընելէ, կենդանի է, եթէ դուն շուտով չգայիր ու առջեւս չելլէիր, մինչեւ վաղը առտու Նաբաղէն մէկ այր մարդ պիտի չմնար»։ 35 Դաւիթ անոր բերած ընծաները ձեռքէն առաւ ու անոր ըսաւ. «Խաղաղութեամբ տունդ գնա՛. ահա խօսքիդ մտիկ ըրի ու քու խնդիրքդ ընդունեցի»։

36 Աբիգիա Նաբաղին գնաց ու ահա անիկա իր տանը մէջ թագաւորական կոչունքի պէս կոչունք կ’ընէր եւ Նաբաղին սիրտը զուարթացեր էր ու անիկա շատ գինովցեր էր. ուստի կինը մինչեւ առտու բնաւ բան մը չպատմեց անոր։ 37 Առաւօտուն, երբ Նաբաղ գինիէն զգաստացաւ, այն ատեն անոր կինը այս բաները անոր պատմեց ու անոր սիրտը իր ներսիդին մեռաւ ու քարի պէս եղաւ։ 38 Եւ տասը օր յետոյ Տէրը զարկաւ Նաբաղը, որ մեռաւ։

39 Դաւիթ Նաբաղին մեռնիլը լսելով՝ ըսաւ. «Օրհնեալ է Տէրը, որ Նաբաղի ձեռքէն քաշած նախատինքիս վրէժը ինք լուծեց ու իր ծառան չարութենէ ետ պահեց եւ Տէրը Նաբաղին չարութիւնը անոր գլուխը դարձուց»։ Դաւիթ մարդ ղրկեց եւ Աբիգիային խօսեցաւ, որ զանիկա իրեն կին առնէ։ 40 Ու Դաւիթին ծառաները Կարմեղոս գացին Աբիգիային ու անոր հետ խօսեցան ու ըսին. «Դաւիթ մեզ քեզի ղրկեց, որպէս զի քեզ իրեն կին առնէ»։ 41 Անիկա ելաւ ու երեսի վրայ մինչեւ գետինը երկրպագութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Ահա քու աղախինդ իմ տիրոջս ծառաներուն ոտքերը լուալու համար ստրկութիւն թող ընէ»։ 42 Աբիգիա շուտով ոտքի ելաւ ու իրեն սպասաւորութիւն ընող հինգ աղջիկներուն հետ էշը հեծաւ ու Դաւիթին պատգամաւորներուն ետեւէն գնաց եւ անոր կինը եղաւ։

43 Դաւիթ Յեզրայէլէն ալ Աքինոամը առաւ ու ասոնց երկուքն ալ անոր կիները եղան։ 44 Բայց Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը, որ Դաւիթին կինն էր, Գաղղիմացի Լայիսի որդիին Փաղտիէլին տուաւ։

ԴԱՒԻԹ ԿՐԿԻՆ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ԽՆԱՅԷ

26 1 Զիփացիները Գաբաա գացին Սաւուղին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Եսիմոնի մօտակայ Եքեղայի բլուրին վրայ պահուեր է»։ Ու Սաւուղ ելաւ Զիփի անապատը գնաց, Իսրայելացի երեք հազար ընտրուած մարդոցմով, որպէս զի Զիփի անապատին մէջ Դաւիթը փնտռէ։ Սաւուղ Եսիմոնի մօտակայ Եքեղայի բլուրը՝ ճամբուն վրայ բանակեցաւ։ Դաւիթ ալ անապատին մէջ նստեր էր։ Երբ տեսաւ թէ Սաւուղ իր ետեւէն անապատը կու գայ, Դաւիթ լրտեսներ ղրկեց ու Սաւուղին գալը ստոյգ իմացաւ։

Դաւիթ գաղտուկ ելաւ եւ Սաւուղին բանակ դրած տեղը գնաց։ Դաւիթ Սաւուղին ու անոր զօրավարին, Ներեան Աբեններին պառկած տեղը տեսաւ։ Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր էր ու ժողովուրդը անոր բոլորտիքը բանակեր էին։ Դաւիթ Քետացի Աքիմելէքին ու Յովաբին եղբօրը Շահուրեան Աբեսսային ըսաւ. «Ո՞վ ինծի հետ Սաւուղին քով բանակը կ’իջնէ»։ Աբեսսա ըսաւ. «Ես քեզի հետ կ’իջնեմ»։ Դաւիթ Աբեսսային հետ գիշերով ժողովուրդին մէջ մտաւ եւ ահա Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր կը քնանար։ Անոր նիզակը գլխուն քով գետինը ցցուած էր։ Աբեններ եւ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը պառկեր էին։ Աբեսսա Դաւիթին ըսաւ. «Աստուած այսօր քու թշնամիդ քու ձեռքդ մատնեց ու հիմա թող տուր, որ նիզակով մէկ անգամէն գետինը ցցեմ զանիկա ու չկրկնեմ հարուածը»։ Բայց Դաւիթ Աբեսսային ըսաւ. «Զանիկա մի՛ մեռցներ. քանզի Տէրոջը օծեալին ո՞վ կրնայ ձեռք երկնցնել ու անպարտ ըլլալ»։ 10 Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու զանիկա Տէրը պիտի զարնէ կամ անոր ատենը պիտի գայ ու մեռնի, կամ թէ պատերազմի մէջ պիտի մտնէ ու մեռնի։ 11 Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ, միայն թէ հիմա անոր գլխուն քովի նիզակը ու ջուրին կուժը ա՛ռ ու երթանք»։ 12 Եւ Դաւիթ Սաւուղին գլխուն քովէն նիզակն ու ջուրին կուժը առաւ ու գացին եւ տեսնող, իմացող կամ արթնցող չեղաւ. որովհետեւ ամէնքը կը քնանային, քանզի Տէրոջը կողմանէ անոնց վրայ խորունկ քուն մը ինկեր էր։

13 Դաւիթ անդիի կողմը անցաւ ու լերանը գլխուն վրայ հեռուն կայնեցաւ ու անոնց մէջտեղ մեծ միջոց մը կար։ 14 Դաւիթ ժողովուրդին ու Ներեան Աբեններին կանչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Աբեններ, պատասխան չե՞ս տար»։ Աբեններ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես որ թագաւորը կը կանչես»։ 15 Դաւիթ Աբեններին ըսաւ. «Դուն այր մարդ չե՞ս ու Իսրայէլի մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Ինչո՞ւ համար քու տիրոջդ, թագաւորին պահպանութիւն չես ըներ. քանզի ժողովուրդէն մէկը քու տէրդ՝ թագաւորը՝ մեռցնելու եկաւ։ 16 Այդ քու ըրածդ աղէկ չէ. կենդանի է Տէրը, որ դուք մեռնելու արժանի էք, քանզի Տէրոջը օծեալին, ձեր տիրոջը, պահպանութիւն չէք ըներ։ Հիմա նայէ, թագաւորին նիզակն ու անոր գլխուն քովի ջուրին կուժը ո՞ւր են»։ 17 Այն ատեն Սաւուղ Դաւիթին ձայնը ճանչցաւ ու ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, իմ ձայնս է» 18 Ու աւելցուց. «Իմ տէրս ինչո՞ւ համար այդպէս իր ծառային ետեւէն ինկեր է։ Ի՞նչ ըրի ու ձեռքիս մէջ ի՞նչ չարութիւն կայ։ 19 Եւ հիմա իմ տէրս՝ թագաւորը՝ իր ծառային խօսքերը թող լսէ։ Եթէ Տէրը քեզ իմ վրաս ոտքի հանեց, թող զոհ մը ընդունի. բայց եթէ մարդոց որդիները ոտքի հանեցին, անոնք Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլան, քանզի այսօր վռնտեցին, որպէս զի Տէրոջը ժառանգութեանը չտիրանամ ու ինծի ըսին՝ ‘Գնա՛ օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրէ՛’։ 20 Եւ հիմա Տէրոջը առջեւ իմ արիւնս գետինը չիյնայ. քանզի Իսրայէլի թագաւորը լու մը փնտռելու ելաւ, ինչպէս մարդ մը լեռներու վրայ կաքաւի մը ետեւէն կ’իյնայ»։

21 Ու Սաւուղ ըսաւ. «Մեղք գործեցի. դարձի՛ր, որդեա՛կ իմ Դաւիթ. իմ հոգիս այսօր քու աչքերուդ պատուական երեւնալուն համար՝ քեզի անգամ մըն ալ չարութիւն պիտի չընեմ. ահա յիմարութիւն ըրի ու մեծապէս սխալեցայ»։ 22 Դաւիթ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա թագաւորին նիզակը. մանչերէն մէկը թող գայ ու զանիկա առնէ։ 23 Տէրը ամէն մարդու իր արդարութեանն ու հաւատարմութեանը փոխարէնը թող հատուցանէ. որովհետեւ Տէրը քեզ այսօր իմ ձեռքս տուաւ, բայց ես Տէրոջը օծեալին վրայ ձեռքս երկնցնել չուզեցի։ 24 Ահա ինչպէս քու հոգիդ այսօր իմ աչքերուս պատուական երեւցաւ, իմ հոգիս ալ Տէրոջը առջեւ այնպէս պատուական թող երեւնայ ու զիս ամէն նեղութենէ ազատէ»։ 25 Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, օրհնեալ ըլլաս. քու գործերուդ մէջ յաջողութիւն պիտի գտնես, նաեւ յաղթող պիտի ըլլաս»։ Դաւիթ իր ճամբան գնաց ու Սաւուղ իր տեղը դարձաւ։

ԴԱՒԻԹ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

27 1 Դաւիթ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Վերջապէս օր մը Սաւուղին ձեռքով պիտի կորսուիմ. ինծի համար Փղշտացիներուն երկիրը փախչելէն աղէկը չկայ, որպէս զի Սաւուղ ինձմէ յոյսը կտրէ ու զիս անգամ մըն ալ Իսրայէլի սահմաններուն մէջ չփնտռէ ու անոր ձեռքէն ազատիմ։ Դաւիթ իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդով ելաւ ու Գէթի թագաւորին Մաովքին որդիին Անքուսին քով գնաց։ Դաւիթ ինք ու իր մարդիկը, իւրաքանչիւր մարդ իր տնովը, Դաւիթ ալ իր երկու կիներովը, Յեզրայելացի Աքինոամին հետ ու Կարմելացի Նաբաղին կնոջ Աբիգիային հետ Անքուսին քով Գէթի մէջ բնակեցան։ Երբ Սաւուղին իմացուցին թէ Դաւիթ Գէթ փախեր է, անգամ մըն ալ զանիկա չփնտռեց։

Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, գիւղաքաղաքներէն մէկուն մէջ ինծի տեղ տուր, որպէս զի հոն նստիմ. քանզի քու ծառադ ինչո՞ւ համար քեզի հետ թագաւորանիստ քաղաքին մէջ նստի»։ Այն օրը Անքուս Սիկելակը տուաւ անոր։ Այս պատճառով Սիկելակ մինչեւ այսօր Յուդայի թագաւորներուն եղաւ։ Ու Փղշտացիներու երկրին մէջ Դաւիթին նստած օրերուն թիւը մէկ տարի ու չորս ամիս եղաւ։

Դաւիթ ու անոր մարդիկը ելան եւ Գեսուրացիներուն, Գազերացիներուն ու Ամաղեկացիներուն վրայ յարձակեցան, քանզի անոնք երկար ատենէ ի վեր այն երկրին մէջ կը բնակէին, Սուրէն մինչեւ Եգիպտոսի երկիրը։ Դաւիթ այն երկիրը զարկաւ ու ամենեւին այր մարդ մը կամ կին մարդ մը ողջ չթողուց եւ ոչխարներն ու արջառներն ու էշերը եւ ուղտերն ու հանդերձները առաւ եւ դարձաւ Անքուսին եկաւ։ 10 Անքուս ըսաւ. «Այսօր ո՞ր կողմը յարձակեցաք»։ Դաւիթ ըսաւ. «Յուդայի հարաւային կողմը, Յերամելացիներուն հարաւային կողմը ու Կենեցիներուն հարաւային կողմը»։ 11 Դաւիթ մէկ այր կամ կին մարդ ողջ չթողուց, որ Գէթ լուր բերէ. քանզի ըսաւ. «Չըլլայ թէ մեզի համար պատմեն ու ըսեն թէ Դաւիթ այսպէս ըրաւ»։ Ու անոր սովորութիւնը այսպէս էր, քանի որ Փղշտացիներու երկրին մէջ կը նստէր։ 12 Անքուս Դաւիթին հաւատալով՝ ըսաւ. «Այս մարդը՝ իր ժողովուրդին, Իսրայէլին քով ինքզինք խիստ ատելի ընելուն համար, ինծի յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ»։

28 1 Այն օրերը Փղշտացիները իրենց զօրքերը հաւաքեցին որպէս զի Իսրայէլին դէմ պատերազմին։ Անքուս Դաւիթին ըսաւ. «Իմացի՛ր, դուն քու մարդոցմովդ ինծի հետ բանակը պիտի ելլես»։ Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Լա՛ւ, ծառայիդ ընելիք գործը պիտի տեսնես»։ Անքուս Դաւիթին ըսաւ. «Անոր համար քեզ միշտ իմ թիկնապահս պիտի ընեմ»։

ՍԱՒՈՒՂ ՎՀՈՒԿԻ ՄԸ ՀԵՏ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻ

Սամուէլ մեռած էր եւ բոլոր Իսրայէլ անոր համար սուգ ըրեր էին ու զանիկա իր քաղաքին, Ռամայի մէջ թաղեր էին։ Սաւուղ ալ վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն վերցուցեր էր։ Երբ Փղշտացիները հաւաքուեցան ու եկան Սունամի մէջ բանակեցան, Սաւուղ ալ բոլոր Իսրայէլը հաւաքեց ու Գեղբուէի մէջ բանակեցան։ Սաւուղ Փղշտացիներուն բանակը տեսնելով՝ վախցաւ ու սիրտը շատ դողաց։ Սաւուղ Տէրոջը հարցուց, բայց Տէրը թէ՛ երազներով, թէ՛ Ուրիմով եւ թէ՛ մարգարէներով անոր պատասխան չտուաւ։ Այն ատեն Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Ինծի վհուկ կին մը գտէք, որպէս երթամ անոր հարցնեմ»։ Ծառաները անոր ըսին. «Ահա Ենդովրի մէջ վհուկ կին մը կայ»։

Սաւուղ իր հանդերձները փոխելով՝ ուրիշ հանդերձներ հագաւ եւ իրեն հետ երկու մարդ առաւ ու գիշերով այն կնոջ քով գնաց։ Սաւուղ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ոգիով մը գուշակէ եւ բե՛ր այն մարդը, որուն անունը պիտի տամ»։ Կինը անոր ըսաւ. «Ահա դուն Սաւուղին ըրածը գիտես, թէ ի՞նչպէս անիկա վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն բնաջինջ ըրաւ, ուրեմն ինչո՞ւ զիս մեռցնելու համար իմ անձիս որոգայթ կը լարես»։ 10 Սաւուղ Տէրոջմով երդում ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այս բանէն քեզի վնաս մը պիտի չպատահի»։ 11 Այն ատեն կինը ըսաւ. «Ո՞վ կ’ուզես, որ հանեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Սամուէլը հանէ ինծի»։

12 Կինը Սամուէլը տեսնելով՝ մեծ ձայնով մը պոռաց ու Սաւուղին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս խաբեցիր. քանզի դուն Սաւուղն ես»։ 13 Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար. բայց ի՞նչ տեսար»։ Կինը Սաւուղին ըսաւ. «Գետնէն ելլող աստուած մը տեսայ»։ 14 Եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Անոր կերպարանքը ի՞նչպէս է»։ Կինը ըսաւ. «Ահա ծեր մարդ մը կ’ելլէ, որ վերարկու մը հագած է»։ Սաւուղ հասկցաւ թէ անիկա Սամուէլն է, ուստի երեսը գետինը ծռելով՝ անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ 15 Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ինչո՞ւ համար ինծի նեղութիւն տուիր ու զիս վեր հանեցիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Ես մեծ նեղութեան մէջ եմ, որովհետեւ Փղշտացիները ինծի հետ պատերազմ կ’ընեն ու Աստուած ինձմէ հեռացաւ եւ ինծի թէ՛ մարգարէներու միջոցով եւ թէ՛ երազներով պատասխան չտուաւ. անոր համար քեզ կանչեցի, որ ինծի իմացնես թէ ի՞նչ պէտք է ընեմ»։ 16 Սամուէլ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար ինծի կը հարցնես, հիմա որ Տէրը քեզմէ հեռացաւ ու քեզի թշնամի եղաւ 17 Եւ Տէրը իմ ըսածիս պէս ըրաւ ու քու ձեռքէդ թագաւորութիւնը պատռեց եւ զանիկա քու ընկերիդ Դաւիթին տուաւ, 18 Քանզի դուն Տէրոջը խօսքին մտիկ չըրիր ու Ամաղէկի վրայ անոր սաստիկ բարկութիւնը չգործադրեցիր։ Անոր համար այսօր Տէրը քեզի այս բանը ըրաւ։ 19 Տէրը քեզի հետ Իսրայէլն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ ու վաղը դուն ու քու որդիներդ իմ քովս պիտի ըլլաք։ Տէրը Իսրայէլի բանակն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ»։

20 Այն ատեն Սաւուղ յանկարծ գետին ինկաւ ու գետնի վրայ փռուեցաւ եւ Սամուէլին խօսքերէն շատ վախցաւ։ Ա՛լ ամենեւին վրան ոյժ չմնաց, քանզի բոլոր օրն ու բոլոր գիշերը հաց կերած չէր։ 21 Կինը Սաւուղին քով գնաց ու անոր չափազանց սոսկումը տեսնելով՝ անոր ըսաւ. «Ահա քու աղախինդ քու խօսքիդ մտիկ ըրաւ եւ իմ հոգիս ձեռքիս մէջ դնելով՝ ինծի ըսած խօսքերուդ հնազանդութիւն ըրի։ 22 Հիմա, կ’աղաչեմ, դուն ալ, քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ ու քու առջեւդ պատառ մը հաց դնեմ, կեր, որպէս զի ոյժ առնես, քանզի ճամբայ պիտի երթաս»։ 23 Բայց անիկա չուզեց ու «Չեմ ուտեր», ըսաւ, սակայն երբ իր ծառաները ու կինն ալ զանիկա բռնադատեցին, անոնց խօսքին մտիկ ըրաւ ու գետնէն ելլելով անկողնին վրայ նստաւ։ 24 Կինը իր տանը մէջ պարարտ հորթ մը ունէր. շուտով զանիկա մորթեց ու ալիւր առաւ շաղեց եւ անով բաղարջ եփեց։ 25 Սաւուղին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ դրաւ։ Անոնք ալ կերան ու նոյն գիշերը գացին։

ԴԱՒԻԹ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐԷՆ ԿԸ ՍԵՐԺՈՒԻ

29 1 Փղշտացիները իրենց բոլոր բանակները Ափէկի մէջ հաւաքեցին, իսկ Իսրայելացիները Յեզրայէլի մէջ եղող աղբիւրին քով բանակեցան։ Եւ Փղշտացիներուն նախարարները իրենց հարիւրաւորներովը ու հազարաւորներովը կ’անցնէին։ Դաւիթ ու իր մարդիկն ալ անոնց ետեւէն Անքուսի հետ կ’անցնէին։ Փղշտացիներուն իշխանները ըսին. «Այս Եբրայեցիները ի՞նչ պիտի ըլլան»։ Անքուս Փղշտացիներուն իշխաններուն ըսաւ. «Ասիկա Իսրայէլի թագաւորին Սաւուղին ծառան Դաւիթը չէ՞ որ այսչափ օրերէ՝ կամ մանաւանդ այսչափ տարիներէ ի վեր իմ քովս է ու ինծի եկած օրէն մինչեւ այսօր անոր վրայ ամենեւին յանցանք մը չգտայ»։ Փղշտացիներուն իշխանները անոր սրդողեցան ու ըսին. «Այդ մարդը ետ ղրկէ, որ երթայ իր տեղը, ուր զանիկա դրիր, որ մեզի հետ չպատերազմի եւ չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեզի թշնամութիւն ընէ. քանզի անիկա ինչո՞վ պիտի հաշտուի իր տիրոջը հետ, չէ՞ որ այս մարդոց գլուխներովը։ Ասիկա այն Դաւիթը չէ՞, որուն համար կիները պար բռնելով կ’ըսէին.

‘Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ,

Իսկ Դաւիթ՝ իր բիւրաւորները’»։

Անքուս Դաւիթը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ դուն շիտակ մարդ մըն ես եւ ինծի հետ բանակին մէջ մտնելդ ու ելլելդ իմ աչքիս աղէկ կ’երեւնայ. քանզի ինծի եկած օրէդ մինչեւ այսօր քու վրադ չարութիւն մը չգտայ, բայց դուն նախարարներուն աչքին աղէկ չես երեւնար, Ուստի հիմա դարձիր եւ խաղաղութեամբ գնա՛ ու Փղշտացիներուն նախարարներուն աչքին գէշ երեւցածը մի՛ ըներ»։ Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Բայց ես ի՞նչ ըրի ու առաջին օրէն մինչեւ այսօր ծառայիդ վրայ ի՞նչ սխալ գտար, որ ես չերթամ ու իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ թշնամիներուն հետ պատերազմ չընեմ»։ Անքուս պատասխան տուաւ ու Դաւիթին ըսաւ. «Գիտեմ որ դուն իմ աչքերուս Աստուծոյ հրեշտակին պէս աղէկ կ’երեւնաս, բայց Փղշտացիներուն իշխանները ըսին թէ ‘Անիկա մեզի հետ թող չպատերազմի’, 10 Ուստի առտուն կանուխ ելիր քու տիրոջդ ծառաներուն հետ ու լուսցածին պէս գացէ՛ք»։ 11 Դաւիթ ու իր մարդիկը առտուն կանուխ ելան, որպէս զի երթան ու Փղշտացիներուն երկիրը դառնան. իսկ Փղշտացիները Յեզրայէլ ելան։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՄԱՂԵԿԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

30 1 Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը երրորդ օրը Սիկելակ մտան, ահա Ամաղեկացիները հարաւային երկրին ու Սիկելակի վրայ յարձակեր ու զայն այրեր էին. Հոն եղած կիները գերի առեր էին եւ բոլորը, որ հոն կը գտնուէին, պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ մարդ մը չէին մեռցուցեր, հապա զանոնք իրենց հետ տանելով ճամբանին գացեր էին։ Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը քաղաքը հասան, ահա անիկա կրակով այրուած էր ու իրենց կիները, տղաքներն ու աղջիկները գերի առնուած էին։ Ուստի Դաւիթ ու իրեն հետ եղող ժողովուրդը ձայներնին վերցուցին ու այնքան լացին, մինչեւ որ իրենց վրայ ոյժ չմնաց։ Դաւիթին երկու կիները, Յեզրայելացի Աքինոամն ու Կարմելացի Նաբաղի կինը Աբիգիան ալ գերի առնուած էին։ Դաւիթ մեծ տագնապի մէջ էր, քանզի ժողովուրդը զանիկա քարկոծել կ’ուզէր, որովհետեւ բոլոր ժողովուրդին սիրտը կը կսկծար իրենց տղոցը ու աղջիկներուն համար. բայց Դաւիթ իր Տէր Աստուծմով զօրացաւ։ Դաւիթ Աքիմելէքի որդիին, Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Եփուտը մօտեցուր ինծի»։ Ու Աբիաթար եփուտը Դաւիթին մօտեցուց։ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Այս գունդը հալածե՞մ, անոնց կը հասնի՞մ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Հալածէ՛, քանզի անշուշտ պիտի հասնիս ու բոլորը պիտի ազատես»։

Դաւիթ ինք ու իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդիկը գացին ու մինչեւ Բոսոր հեղեղատը հասան ու ետ մնացողները հոն կեցան։ 10 Եւ Դաւիթ չորս հարիւր մարդով թշնամին հալածեց. (սակայն երկու հարիւր մարդիկը շատ յոգնած ըլլալնուն համար՝ Բոսոր հեղեղատին անդիի կողմը մնացին ու չկրցան անցնիլ։) 11 Դաշտին մէջ Եգիպտացի մը գտան եւ զանիկա Դաւիթին բերին։ Անոր հաց տուին ու կերաւ, անոր ջուր խմցուցին 12 Եւ անոր քիչ մը չոր թուզ ու երկու ողկոյզ չամիչ տուին, որ կերաւ ու ոգին վրան եկաւ. քանզի երեք օր ու երեք գիշեր հաց չէր կերած ու ջուր չէր խմած։ 13 Դաւիթ անոր ըսաւ. «Դուն որո՞ւն մարդն ես եւ ուրկէ՞ ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես Եգիպտացի պատանի մըն եմ ու Ամաղեկացի մարդու մը ծառան։ Երեք օր է, որ հիւանդ ըլլալուս համար իմ տէրս զիս հոս թողուց։ 14 Մենք Քերեթի հարաւային կողմը՝ Յուդայի կողմերը ու Քաղէբի հարաւային կողմերը յարձակեցանք ու Սիկելակը կրակով այրեցինք»։ 15 Դաւիթ անոր ըսաւ. «Զիս այն գունդին կրնա՞ս հասցնել»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն ինծի Աստուծմով երդում ըրէ, որ զիս պիտի չմեռցնես ու զիս իմ տիրոջս ձեռքը պիտի չտաս, ես ալ քեզ այն գունդին կը հասցնեմ»։

16 Երբ զանիկա հոն տարաւ, ահա անոնք բոլոր գետնին վրայ ցրուած էին, կ’ուտէին ու կը խմէին եւ Փղշտացիներու երկրէն ու Յուդայի երկրէն առած այն բոլոր մեծ աւարին համար ուրախութիւն կ’ընէին։ 17 Դաւիթ արշալոյսէն մինչեւ հետեւեալ օրուան իրիկունը զանոնք զարկաւ ու անոնցմէ մարդ չազատեցաւ, բայց միայն չորս հարիւր երիտասարդներ, որոնք ուղտերու վրայ հեծան ու փախան։ 18 Դաւիթ Ամաղեկացիներուն առած բոլոր բաները ազատեց։ Դաւիթ իր երկու կիներն ալ ազատեց։ 19 Ոեւէ մէկ բան պակաս չէր՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը, թէ՛ տղայ, թէ՛ աղջիկ եւ թէ՛ աւար, ինչ որ անոնք առեր տարեր էին, Դաւիթ ամէնքն ալ ետ բերաւ։ 20 Դաւիթ բոլոր ոչխարներն ու արջառները առաւ եւ զանոնք իրենց հօտերուն առջեւէն կը տանէին ու կ’ըսէին. «Դաւիթին աւարը ասիկա է»։

21 Դաւիթ այն երկու հարիւր մարդոցը քով եկաւ, որոնք շատ յոգնած ըլլալնուն համար չէին կրցեր Դաւիթին ետեւէն երթալ ու զանոնք Բոսոր հեղեղատը նստեցուցեր էր։ Անոնք ելան Դաւիթն ու անոր հետ եղող ժողովուրդը դիմաւորելու։ Դաւիթ երբ ժողովուրդին մօտեցաւ, անոնց առողջութիւնը հարցուց։ 22 Դաւիթին հետ գացող մարդոցմէն բոլոր չար ու անզգամ մարդիկը ըսին. «Քանի որ ասոնք մեզի հետ չեկան՝ մենք ալ անոնց մեր ազատած աւարէն չենք տար։ Ամէն մարդ միայն իր կինն ու տղաքները թող առնէ ու երթայ»։ 23 Բայց Դաւիթ անոնց ըսաւ. «Այդպէս մի՛ ընէք, եղբայրնե՛ր։ Տէրը մեզի տուաւ ասիկա եւ ինք մեզ պահեց ու մեր վրայ եկող գունդը մեր ձեռքը մատնեց։ 24 Այս բանին մէջ ո՞վ ձեզի մտիկ կ’ընէ. քանզի կարասիներուն քով նստողներուն բաժինը պատերազմի գացողներուն բաժինին հետ հաւասար պէտք է ըլլայ, հաւասարապէս պէտք է բաժնեն»։ 25 Այն օրէն ի վեր ասիկա Իսրայէլի մէջ կանոն ու օրէնք եղաւ ու կը կենայ մինչեւ այսօր։

26 Դաւիթ Սիկելակ եկաւ ու այն աւարէն Յուդային ծերերուն՝ իր բարեկամներուն ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա ձեզի Տէրոջը թշնամիներուն աւարէն ընծայ կը ղրկեմ։ 27 Այսինքն Բեթէլի մէջ եղողներուն, հարաւային Ռամովթի մէջ եղողներուն, Յաթիրի մէջ եղողներուն, 28 Արոէրի մէջ եղողներուն, Սեփամովթի մէջ եղողներուն, Եսթեմովի մէջ եղողներուն, 29 Րաքայի մէջ եղողներուն, Յերամելացիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն, Կենեցիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն, 30 Հօրմայի մէջ եղողներուն, Քովրասանի մէջ եղողներուն, Աթաքի մէջ եղողներուն, 31 Քեբրոնի մէջ եղողներուն եւ այն բոլոր տեղերուն, ուր Դաւիթ իր մարդոցմով պտըտեր էր»։

ՍԱՒՈՒՂԻՆ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՍԱՀԸ

31 1 Փղշտացիները Իսրայէլին հետ պատերազմ կ’ընէին։ Իսրայելացիները Փղշտացիներուն առջեւէն փախան ու Գեղբուէ լերանը վրայ սպաննուած ինկան։ Ու Փղշտացիները Սաւուղին ու անոր որդիներուն ետեւէն հասան ու Փղշտացիները Սաւուղին որդիները՝ Յովնաթանը, Աբինադաբն ու Մեղքիսաւէն՝ զարկին։ Պատերազմը Սաւուղին վրայ երթալով սաստկացաւ ու աղեղնաւորները զանիկա գտան ու աղեղնաւորներէն սաստիկ վիրաւորուեցաւ։ Սաւուղ իր կապարճակիրին ըսաւ. «Սուրդ քաշէ՛ ու անով զիս խոցէ. չըլլայ որ այս անթլփատները գան ու զիս խոցեն եւ զիս ծաղր ընեն»։ Բայց կապարճակիրը չուզեց, քանզի շատ վախցաւ։ Սաւուղ սուրը առաւ ու անոր վրայ ինկաւ։ Անոր կապարճակիրը Սաւուղին մեռնիլը տեսնելով՝ ինքն ալ իր սուրին վրայ ինկաւ ու անոր հետ մեռաւ։ Սաւուղ ու անոր երեք որդիներն ու կապարճակիրը եւ անոր բոլոր մարդիկը նոյն օրը մէկտեղ մեռան։

Հովիտին անդիի կողմը եւ Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Իսրայէլի մարդիկը Իսրայելացիներու փախչիլը ու Սաւուղին եւ անոր որդիներուն մեռնիլը տեսնելով՝ քաղաքները թողուցին ու փախան։ Փղշտացիները եկան ու անոնց մէջ բնակեցան։

Հետեւեալ օրը Փղշտացիները եկան, որ մեռելները մերկացնեն ու Սաւուղը եւ անոր երեք որդիները Գեղբուէ լերան վրայ ինկած գտան։ Այն ատեն անոր գլուխը կտրեցին ու անոր վրայի զէնքերը հանեցին եւ Փղշտացիներու երկրին չորս կողմը իրենց կռատուններուն ու ժողովուրդին՝ այս բաներուն աւետիսը տալու համար մարդ ղրկեցին, 10 Անոր զէնքերը Աստարովթի տունը դրին ու անոր մարմինը Բեթսանի պարիսպէն կախեցին։

11 Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Փղշտացիները Սաւուղին ըրած էին, 12 Բոլոր կտրիճ մարդիկը ոտքի ելան ու բոլոր գիշերը գացին ու Բեթսանի պարիսպէն Սաւուղին մարմինը ու անոր որդիներուն մարմինները առին եւ Յաբիս դարձան ու հոն զանոնք այրեցին։ 13 Անոնց ոսկորները առին ու Յաբիսի մէջ ծառին տակ թաղեցին ու եօթը օր ծոմ պահեցին։