ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՄԱՂԱՔԵԱՅ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՄԱՂԱՔԵԱՅ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՀԱՄԱՐ

1 1 Մաղաքիային միջոցով Իսրայէլին եղած Տէրոջը պատգամը.

 «Ես ձեզ սիրեցի», կ’ըսէ Տէրը

Ու դուք՝ «Մեզ ինչո՞վ սիրեցիր», կ’ըսէք։

«Միթէ Եսաւը Յակոբին եղբայրը չէ՞ր», կ’ըսէ Տէրը։

«Ես Յակոբը սիրեցի,

 Բայց Եսաւը ատեցի։

Անոր լեռները ամայութեան

Ու անոր ժառանգութիւնը անապատի բնակութեան դարձուցի։

 Եթէ Եդովմ ըսէ՝ ‘Թէեւ կործանեցանք,

Բայց պիտի դառնանք ու աւերակները շինենք’,

Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.

‘Անոնք պիտի շինեն, բայց ես պիտի փլցնեմ.

Անոնք պիտի կոչուին Անօրէնութեան Սահման,

Ժողովուրդ՝ որու դէմ Տէրը յաւիտեան բարկացեր է’։

 Ձեր աչքերը պիտի տեսնեն ու պիտի ըսէք՝

‘Տէրը Իսրայէլի սահմանէն անդին թող փառաւորուի’»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ

 «Տղան՝ իր հօրը,

Ծառան՝ իր տիրոջը պատիւ կ’ընէ։

Եթէ ես հայր եմ, իմ պատիւս ո՞ւր է,

Եթէ Տէր եմ, իմ վախս ո՞ւր է,

Կ’ըսէ ձեզի զօրքերու Տէրը,

Ո՛վ քահանաներ, որ իմ անունս կ’անարգէք

Եւ դուք կ’ըսէք. ‘Քու անունդ ի՞նչ բանով անարգեցինք’։

 Իմ սեղանիս վրայ պիղծ հաց կը մատուցանէք

Ու կ’ըսէք. ‘Քեզ ինչո՞վ պղծեցինք’։

Տէրոջը սեղանը անարգ է ըսելով։

 Երբ կոյրը զոհի համար կը մատուցանէք, գէշ չէ՞.

Երբ կաղը կամ հիւանդը կը մատուցանէք, գէշ չէ՞.

Աղէ՜, եթէ զանիկա քու իշխանիդ ընծայես,

Միթէ քեզի պիտի հաճի՞,

Կամ քեզ սիրով պիտի ընդունի՞», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

 Հիմա Աստուծոյ աղաչեցէ՛ք,

Որպէս զի ձեզի ողորմութիւն ընէ։

Ասիկա ձեր ձեռքով եղաւ։

«Միթէ ձեզ սիրով պիտի ընդունի՞, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

10 Ձեր մէջ դռները ձրի գոցող ո՞վ կայ։

Իմ սեղանիս կրակն ալ ձրի չէք վառեր։

Ձեզի չեմ հաճիր, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը

Ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր։

11 Քանզի արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը,

Ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ։

Ամէն տեղ իմ անուանս

Խունկ ու սուրբ ընծայ պիտի մատուցանուի,

Քանզի իմ անունս ազգերուն մէջ մեծ պիտի ըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

12 Բայց դուք զանիկա կը պղծէք,

Ըսելով. ‘Տէրոջը սեղանը պիղծ է

Ու անոր բերքը, այսինքն կերակուրը, անարգ’։

13 Նաեւ կ’ըսէք. ‘Այս ի՜նչ աշխատութիւն է’

Ու անոր վրայ կը փչէք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը

Եւ յափշտակուածն ու կաղը եւ հիւանդը

Որպէս ընծայ բերիք։

Միթէ զանոնք պիտի ընդունի՞մ, կ’ըսէ Տէրը։

14 Բայց անիծեալ ըլլայ այն խաբեբայ մարդը,

Որ իր հօտին մէջ որձ ունենալով՝ ուխտ կ’ընէ,

Բայց արատաւորը Տէրոջը կը մատուցանէ.

Քանզի ես մեծ Թագաւոր եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,

Ու իմ անունս ազգերու մէջ ահարկու է»։

2 1 «Այս պատուէրը ձեզի է, ո՛վ քահանաներ։

 Եթէ մտիկ չընէք,

Եթէ ձեր սրտին մէջ չդնէք

Իմ անուանս պատիւ տալ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,

Այն ատեն ձեզի անէծք պիտի ղրկեմ,

Ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ։

Այո՛, զանոնք արդէն անիծեր եմ,

Քանզի դուք ձեր սրտին մէջ չէք դներ։

 Ահա ես ձեր սերունդը պիտի յանդիմանեմ,

Ձեր երեսին վրայ՝ աղբ,

Ձեր տօներուն աղբը պիտի ցանեմ,

Որ ձեզ իրեն հետ տանի։

 Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ձեզի ղրկեցի այս պատուէրը,

Որպէս զի իմ ուխտս Ղեւիին հետ ըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

 Իմ ուխտս անոր հետ էր՝ կեանքի ու խաղաղութեան համար։

Զանոնք անոր տուի այն երկիւղին փոխարէն՝

Որով ինձմէ կը վախնար

Ու իմ անուանս երեսէն կը սարսափէր։

 Ճշմարտութեան օրէնքը անոր բերնին մէջ էր,

Անոր շրթունքներուն մէջ անիրաւութիւն չգտնուեցաւ.

Ինծի հետ խաղաղութեամբ եւ ուղղութեամբ կը քալէր,

Շատերը անօրէնութենէ դարձուց։

 Քահանային շրթունքները գիտութիւն պահելու են,

Մարդիկ անոր բերնէն օրէնք փնտռելու են,

Քանզի անիկա զօրքերու Տէրոջը դեսպանն է։

 Բայց դուք ճամբայէն խոտորեցաք.

Շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք,

Ղեւիին ուխտը աւրեցիք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

 Ուստի ես ալ ձեզ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անարգեցի ու ցածցուցի,

Քանի որ դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք,

Օրէնքին մէջ աչառութիւն ըրիք»։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ

10 Միթէ ամէնքը մէկ հայր չունի՞ն,

Միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ։

Ինչո՞ւ համար մեր հայրերուն ուխտը աւրելով՝

Մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ։

11 Յուդան նենգութիւն ըրաւ։

Իսրայէլի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պղծութիւն գործուեցաւ։

Յուդան պղծեց Տէրոջը սրբարանը, որ ինք կը սիրէր

Եւ օտար աստուծոյ աղջկանը այր եղաւ։

12 Տէրը Յակոբին վրաններէն բնաջինջ պիտի ընէ այս բանը ընող մարդը,

Արթուն եղողն ու պատասխան տուողը

Եւ զօրքերու Տէրոջը ընծայ մատուցանողը։

13 Դարձեալ ասիկա ըրիք։

Տէրոջը սեղանը արցունքներով,

Լացով ու ողբով ծածկեցիք։

Այնպէս որ անիկա անգամ մըն ալ ընծային չի նայիր,

Որ զանիկա ձեր ձեռքէն հաճութեամբ ընդունի։

14 Բայց դուք ըսիք. ‘Ինչո՞ւ’։

Անոր համար որ Տէրը վկայ եղաւ քու եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջ միջեւ,

Որուն հետ անհաւատարմութեամբ վարուեցար։

Անիկա քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կինն է։

15 Եւ մէկը չըրա՞ւ, որ Հոգիին առատութիւնը ունէր.

Այն մէկը ի՞նչ կը փնտռէր։ Աստուծոյ սերունդը։

Ուրեմն ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք,

Ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի։

16 Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ’ըսէ, թէ

Ինք կ’ատէ կին արձակելը.

«Բայց մարդը իր հանդերձովը զրկանքը կը ծածկէ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը.

Ուստի ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք ու անհաւատարիմ մի՛ ըլլաք։

ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ ՕՐԸ ՄՕՏ Է

17 Ձեր խօսքովը Տէրը ձանձրացուցիք։

Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ինչո՞վ ձանձրացուցինք’։

Այսպէս ըսելով. ‘Ամէն չարութիւն ընողը

Տէրոջը աչքերուն առջեւ հաճոյ է

Ու ինք անոնց կը հաւնի’,

Կամ թէ ‘Դատաստան ընող Աստուածը ո՞ւր է’։

3 1 «Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ,

Որ իմ առջեւս ճամբայ պատրաստէ։

Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը, որու կը հաւնիք,

Յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ։

Ահա կու գայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

 Անոր գալուստին օրը ո՞վ կրնայ դիմանալ։

Անոր երեւնալուն ատենը ո՞վ կրնայ կայնիլ.

Քանզի անիկա հալեցնողին՝ կրակին պէս

Ու թափիչներուն օճառին պէս պիտի ըլլայ։

 Անիկա արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։

Ղեւիին որդիները պիտի մաքրէ,

Զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։

Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն.

 Յուդային ու Երուսաղէմին ընծան

Հին օրերուն պէս ու առաջին տարիներուն պէս

Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ։

 Դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ,

Կախարդներուն ու շնացողներուն,

Սուտ երդում ընողներուն,

Վարձկանին իր վարձքին վրայով,

Որբեւայրիին ու որբին զրկանք ընողներուն,

Պանդուխտին իրաւունքը խոտորցնողներուն,

Ինձմէ չվախցողներուն դէմ արագ վկայ պիտի ըլլամ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

ՏԱՍԱՆՈՐԴԻ ՎՃԱՐՈՒՄԸ

 «Քանզի ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր,

Անոր համար դո՛ւք, ո՛վ Յակոբի որդիներ, չսպառեցաք։

 Ձեր հայրերուն օրերէն ի վեր

Իմ հրամաններէս հեռացաք ու զանոնք չպահեցիք։

Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը.

Սակայն դուք կ’ըսէք՝ ‘Ինչո՞վ դառնանք’։

 Միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞,

Որ դուք զիս կը կողոպտէք.

Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք’.

Տասանորդներ ու ընծաներ։

 Դուք անէծքով անիծուած էք,

Քանզի դուք բոլորդ զիս կողոպտեցիք։

10 Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք,

Որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։

Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,

Թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ

Ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ,

Այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ։

11 Ձեզի համար ուտողը պիտի յանդիմանեմ,

Անիկա ձեր երկրին պտուղը պիտի չապականէ,

Ձեր այգիին մէջ որթատունկը անպտուղ պիտի չըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

12 Բոլոր ազգերը ձեզի երանի՜ պիտի ըսեն,

Քանզի դուք ցանկալի երկիր պիտի ըլլաք», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՆԵՐՈՒՄ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ

13 «Ձեր խօսքերը ինծի դէմ խիստ եղան, կ’ըսէ Տէրը.

Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզի դէմ ի՞նչ խօսեցանք’։

14 Դուք ըսիք. ‘Աստուծոյ ծառայութիւն ընելը պարապ է։

Եւ անոր պահպանութիւնը պահելէն

Ու զօրքերու Տէրոջը առջեւ սուգով քալելէն ի՞նչ շահեցանք։

15 Հիմա մենք հպարտներուն երանի՜ կ’ըսենք.

Ամբարշտութիւն ընողներն անգամ բարեշէն կ’ըլլան,

Աստուած ալ կը փորձեն ու կ’ազատին’»։

16 Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները

Իրարու հետ խօսեցան։

Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց

Եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ

Տէրոջմէ վախցողներուն համար

Ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար։

17 «Եւ անոնք իմս պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

Այն օրը երբ իմ սեփական գանձս հաւաքեմ,

Անոնց պիտի խնայեմ,

Ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին,

Որ իրեն ծառայութիւն կ’ընէ։

18 Եւ պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարիշտին,

Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին

Եւ անոր ծառայութիւն չընողին

Տարբերութիւնը պիտի տեսնէք»։

ՏԷՐՈՋԸ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՕՐԸ

4 1 «Քանզի ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ,

Երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները

Յարդի պէս պիտի ըլլան

Ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,

Այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու։

 Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝

Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։

Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ

Ու դուք գոմի պարարտ հորթերու պէս

Դուրս պիտի ելլէք ու պիտի ցատկէք։

 Ամբարիշտները պիտի կոխկռտէք,

Վասն զի իմ գործ տեսնելու օրս

Անոնք ձեր ոտքերուն թաթերուն տակ

Մոխիր պիտի ըլլան», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

 «Յիշեցէ՛ք իմ ծառայիս Մովսէսին օրէնքը,

Այսինքն այն կանոններն ու պատուիրանները,

Որոնք անոր տուի Քորեբի մէջ բոլոր Իսրայէլին համար։

 Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ

Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։

 Անիկա հայրերուն սիրտը՝ որդիներուն

Ու որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ,

Որ չըլլայ թէ ես գամ ու երկիրը անէծքով զարնեմ»։