ԳԻՐՔ ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

ԳԻՐՔ ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

ՈՂՋԱԿԷԶԻ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ

1 1 Տէրը կանչեց Մովսէսը վկայութեան խորանէն անոր ըսաւ. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց՝ Եթէ ձեզմէ մէկը անասուններէն ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ձեր ընծան արջառներէն կամ հօտերէն մատուցանեցէք։

Եթէ անոր ընծան արջառներէն ողջակէզ է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ ու վկայութեան խորանին դրանը քով թող մատուցանէ զայն, Տէրոջը առջեւ ընդունելի ըլլալու համար։ Իր ձեռքը ողջակէզին գլխուն վրայ թող դնէ՛, որպէս զի այն իրեն քաւութիւն ըլլալու համար ընդունելի ըլլայ։ Զուարակը թող մորթէ Տէրոջը առջեւ ու Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ արիւն թող մատուցանեն եւ վկայութեան խորանին դրանը քով եղած սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեն արիւնը։ Ողջակէզին մորթը թող հանէ՛ ու կտոր կտոր ընէ՛ ողջակէզը։ Ահարոն քահանային որդիները սեղանին վրայ կրակ թող դնեն ու կրակին վրայ փայտեր շարեն։ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանը եղած կրակին վրայ փայտերուն վրայ պէտք է շարեն կտորները, գլուխը ու ճարպը. Բայց անոր փորոտիքն ու ոտքերը ջրով պէտք է լուայ եւ քահանան բոլորը պէտք է այրէ սեղանին վրայ, ողջակէզ ու Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ընելու համար։

10 Եթէ անոր ողջակէզի ընծան հօտերէն, այսինքն ոչխարներէն կամ այծերէն է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ։ 11 Պիտի մորթէ զանիկա Տէրոջը առջեւ՝ սեղանին հիւսիսային կողմը։ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին վրայ շուրջանակի թող սրսկեն անոր արիւնը։ 12 Կտոր կտոր ընէ զայն գլխովը ու ճարպովը եւ քահանան սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ շարէ զանոնք։ 13 Փորոտիքը ու ոտքերը ջրով լուայ։ Քահանան բոլորը թող բերէ ու սեղանին վրայ այրէ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։

14 Եւ եթէ ողջակէզի համար Տէրոջը մատուցանուելիք ընծան թռչուններէն է, այն ատեն անիկա իր ընծան տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն թող մատուցանէ։ 15 Եւ քահանան սեղանին մօտ բերէ զայն ու անոր գլուխը փրցնէ եւ սեղանին վրայ այրէ ու անոր արիւնը սեղանին մէկ քովը քամուի։ 16 Եւ անոր կտնառքը ու աղբը թող զատէ եւ սեղանին արեւելեան կողմը եղած մոխրանոցը նետէ։ 17 Եւ զանիկա թեւերէն պատռէ առանց զատելու ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ, կրակին վրայի փայտերուն վրայ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ է Տէրոջը։

ՀԱՑԻ ԸՆԾԱՅ

2 1 «Երբ մէկը հացի ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ընծան բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ ու անոր վրայ իւղ պէտք է թափէ եւ կնդրուկ դնէ վրան։ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր բարակ ալիւրէն ու իւղէն առնէ բոլոր կնդրուկին հետ մէկտեղ եւ քահանան յիշատակի համար սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Եւ հացի ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ. Ասիկա ամենասուրբ պատարագն է Տէրոջը։

Եւ եթէ թոնիրի մէջ եփած հացի ընծայ մատուցանելու ըլլաս, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր կամ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պէտք է ըլլայ։

Եւ եթէ ընծադ տապակի վրայ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր պէտք է ըլլայ։ Կտոր կտոր կտրտէ՛ զայն ու վրան իւղ թափէ՛։ Ասիկա հացի ընծայ է։

Եւ եթէ քու ընծադ սանի մէջ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով պէտք է շինուի։ Ասոնցմէ շինուած հացի ընծան Տէրոջը պէտք է տանիս ու քահանային ներկայացնես եւ ինք սեղանին մօտեցնէ զայն։ Եւ քահանան ընծայէն յիշատակի մասը թող առնէ ու սեղանին վրայ այրէ՝ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։ 10 Եւ ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա սուրբ պատարագն է Տէրոջը։

11 Հացի ընծան, որ դուք Տէրոջը պիտի մատուցանէք, բնաւ խմորեալ պէտք չէ ըլլայ. վասն զի պատարագի համար ամենեւին խմոր կամ մեղր պէտք չէ այրէք Տէրոջը։ 12 Ասոնք իբրեւ երախայրի պտուղի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը. բայց սեղանին վրայ թող չայրուին անուշահոտութեան համար։ 13 Եւ քու ամէն հացի ընծայիդ աղ պէտք է դնես ու քու հացի ընծայէդ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը պակաս պէտք չէ ընես։ Քու ամէն ընծաներուդ աղ ալ մատուցանէ։

14 Եւ եթէ առաջին պտուղներուն ընծան մատուցանելու ըլլաս Տէրոջը, առաջին պտուղներուն ընծային համար՝ կրակով բոհրած թարմ հասկերէն ծեծուած ցորեն մատուցանէ՛։ 15 Եւ անոր վրայ իւղ թափէ՛ ու կնդրուկ դի՛ր։ Ասիկա հացի ընծայ է։ 16 Քահանան անոր ծեծուած ցորենէն ու անոր իւղէն, անոր բոլոր կնդրուկովը անոր յիշատակի մասը թող այրէ՛, Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒՄ

3 1 «Եթէ մէկուն ընծան խաղաղութեան զոհ է, երբ արջառներէն մատուցանէ, արու ըլլայ կամ էգ, Տէրոջը առջեւ անարատ պէտք է ըլլայ։ Եւ իր ձեռքը իր ընծայած անասունին գլխուն վրայ թող դնէ ու վկայութեան խորանին դուռը մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին շուրջը թող սրսկեն արիւնը։ Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու երկու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը։ Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ Եւ Ահարոնին որդիները սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ ողջակէզին հետ թող այրեն ասոնք, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։

Եւ եթէ խաղաղութեան զոհին համար Տէրոջը մատուցանելու ընծան հօտերէն է, արու ըլլայ կամ էգ, անարատ պէտք է ըլլայ։ Եթէ անիկա իր ընծային համար գառ մատուցանէ, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն Եւ ձեռքը իր ընծային գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները սեղանին շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։ Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն անոր ճարպը ու բոլոր դմակը տակէն փրցնելով եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը 10 Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։ 11 Եւ քահանան սեղանին վրայ այրէ ասոնք Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։

12 Եւ եթէ անոր ընծան այծ է, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն։ 13 Եւ իր ձեռքը անոր գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։ 14 Եւ անիկա իր ընծայէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը 15 Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։ 16 Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք, անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Բոլոր ճարպը Տէրոջն է։ 17 Ձեր ազգերուն բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ որ ո՛չ ճարպ ուտէք, ո՛չ ալ արիւն»։

ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՄԵՂՔԻ ՊԱՏԱՐԱԳ

4 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ, Եթէ օծուած քահանան ժողովուրդը յանցաւոր ընելու մեղք մը գործելու ըլլայ, իր գործած մեղքին համար արջառներէն անարատ զուարակ մը, իբր մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը Եւ վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը առջեւ թող բերէ զուարակը ու իր ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ դնէ եւ Տէրոջը առջեւ մորթէ զուարակը։ Օծուած քահանան զուարակին արիւնէն թող առնէ ու վկայութեան խորանը բերէ։ Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւ, սրբարանին վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ արիւնէն։ Եւ քահանան արիւնէն քիչ մը թող դնէ Տէրոջը առջեւ անուշահոտ խունկի սեղանին եղջիւրներուն վրայ որ վկայութեան խորանին մէջ է ու զուարակին մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թող թափէ։ Մեղքի պատարագ եղած զուարակին բոլոր ճարպը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը անկէ վերցնէ Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը իր երիկամունքներովը մէկտեղ փրցնէ, 10 Խաղաղութեան զոհին արջառէն փրցուելուն պէս եւ քահանան ողջակէզի սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք։ 11 Եւ զուարակին մորթը ու անոր բոլոր միսը գլխովն ու ոտքերովը եւ անոր փորոտիքն ու աղբը, 12 Այսինքն բոլոր զուարակը, բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը, մոխիր թափուած տեղը հանէ եւ փայտերու վրայ կրակով այրէ զայն։ Մոխիր թափուած տեղը թող այրուի։

13 Եւ եթէ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը անգիտութեամբ սխալին ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլան, 14 Երբ իմացուի այն ըրած մեղքերնին, ժողովուրդը մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը թող մատուցանէ ու վկայութեան խորանին առջեւ բերէ զանիկա։ 15 Ժողովուրդին ծերերը Տէրոջը առջեւ իրենց ձեռքերը զուարակին գլխուն վրայ թող դնեն ու զուարակը թող մորթուի։ 16 Եւ օծուած քահանան զուարակին արիւնէն վկայութեան խորանը բերէ։ 17 Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւի վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։ 18 Եւ արիւնէն քիչ մը վկայութեան խորանին մէջ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ ու մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։ 19 Անոր բոլոր ճարպը թող վերցնէ անկէ ու սեղանին վրայ այրէ։ 20 Եւ մեղքի պատարագ եղած զուարակին ինչպէս որ ըրաւ, այս զուարակին ալ այնպէս թող ընէ ու քահանան անոնց համար քաւութիւն ընէ, որ անոնց թողութիւն ըլլայ։ 21 Եւ բանակէն դուրս թող հանէ զուարակը ու ինչպէս առաջին զուարակը այրեց, աս ալ այնպէս թող այրէ. ժողովուրդին համար մեղքի պատարագն է այս։

22 Երբ իշխան մը մեղք գործելու ըլլայ ու իր Տէր Աստուծոյն արգիլած բաներէն մէկը սխալմամբ ընելով յանցաւոր ըլլայ, 23 Եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իրեն համար այծերէն արու անարատ նոխազ մը իբր ընծայ թող բերէ 24 Եւ իր ձեռքը նոխազին գլխուն վրայ դնէ ու զանիկա Տէրոջը առջեւ ողջակէզին մորթուելու տեղը մորթէ։ Մեղքի պատարագ է այս։ 25 Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն իր մատովը թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ անոր մնացած արիւնը ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։ 26 Եւ անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպին պէս սեղանին վրայ թող այրէ ու քահանան անոր մեղքին համար քաւութիւն ընէ, թողութիւն ըլլայ անոր։

27 Եւ եթէ երկրին ժողովուրդէն մէկը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլայ 28 Եւ եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իր ըրած մեղքին համար իբր ընծայ այծերէն անարատ էգ այծ մը թող բերէ։ 29 Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու մեղքի պատարագ եղած անասունը ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մորթէ։ 30 Եւ քահանան իր մատովը անոր արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։ 31 Անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպը փրցուելուն պէս թող փրցնէ ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար Տէրոջը առջեւ եւ քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ, որ անոր թողութիւն ըլլայ։ 32 Եւ եթէ մեղքի պատարագի համար գառ մատուցանելու ըլլայ, անարատ էգ մը թող բերէ 33 Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մեղքի պատարագի համար մորթէ զայն։ 34 Եւ քահանան իր մատովը մեղքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։ 35 Եւ խաղաղութեան զոհէն գառին ճարպը փրցուելուն պէս՝ ասոր բոլոր ճարպը թող փրցնէ ու քահանան սեղանին վրայ այրէ զայն՝ Տէրոջը պատարագներուն հետ եւ քահանան անոր ըրած մեղքին համար քաւութիւն ընէ, որ թողութիւն ըլլայ անոր։

ՄԵՂՔԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

5 1 «Եթէ մէկը հանրային դատարան կոչուի վկայութիւն տալու բանի մը համար որ տեսած ըլլայ կամ իմացած եւ չյայտնէ իր գիտցածը, կը մեղանչէ եւ իր յանցանքը պիտի կրէ։ Կամ անձ մը անմաքուր բանի մը կամ անմաքուր գազանի մը դիակին կամ անմաքուր անասունի մը դիակին կամ անմաքուր սողունի մը դիակին դպչելու ըլլայ, թէպէտեւ չգիտնալով, անիկա անմաքուր ու յանցաւոր պէտք է սեպուի։ Կամ մարդու անմաքրութեան, որեւիցէ անմաքրութեան, որ կրնայ պղծել մէկը, չգիտնալով դպչելու ըլլայ, երբ գիտնայ, այն ատեն յանցաւոր պիտի ըլլայ։ Կամ անձ մը չարիք կամ բարիք ընելու համար բերնովը անխորհրդաբար երդում ընելու ըլլայ, (ինչպէս մարդիկ երդումով անխորհրդաբար կը խօսին,) եթէ չգիտնալով ըլլայ, ինք զայն գիտցած ատեն ասոնց մէկուն մէջ յանցաւոր պիտի սեպուի։ Եւ եթէ այս բաներէն մէկուն մէջ յանցաւոր ըլլայ, անոր համար իր մեղք գործելը խոստովանի Եւ իր ըրած մեղքին համար իր յանցանքին պատարագը, հօտերէն էգ մը, այսինքն էգ գառնուկ մը, կամ այծերէն էգ ուլ մը, մեղքի պատարագի համար թող բերէ Տէրոջը ու քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր՝ իր մեղքին համար։

Եթէ ոչխար կամ այծ բերելու կարող չըլլայ, իր ըրած յանցանքին համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող բերէ Տէրոջը, մէկը՝ մեղքի պատարագ եւ միւսը ողջակէզ ըլլալու համար։ Քահանային պէտք է բերէ զանոնք ու անիկա նախ պիտի մատուցանէ մէկը, որ մեղքի պատարագ է եւ անոր գլուխը իր վիզէն չզատելով փրցնէ Եւ մեղքի պատարագին արիւնէն սեղանին մէկ քովը թող սրսկէ ու մնացած արիւնը սեղանին յատակը թող քամուի. ասիկա մեղքի պատարագ է, 10 Իսկ միւսը՝ օրէնքին համաձայն թող ողջակիզէ ու քահանան անոր քաւութիւն ընէ անոր ըրած մեղքին համար եւ անոր թողութիւն ըլլայ։

11 Իսկ եթէ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ բերելու ալ կարող չըլլայ, այն ատեն մեղք գործողը իր ընծային համար արդուի մը մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր թող բերէ մեղքի պատարագի համար. անոր վրայ իւղ թող չդնէ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ. վասն զի մեղքի պատարագ է այն։ 12 Եւ քահանային թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր յիշատակին համար առնէ ու սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը պատարագներուն հետ։ Մեղքի պատարագ է այն։ 13 Եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր՝ իր ըրած մեղքին համար ու անոր թողութիւն ըլլայ եւ մնացածը հացի ընծայի պէս քահանային պէտք է ըլլայ»։

ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ

14 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 15 «Եթէ մէկը յանցանք մը գործէ ու սխալմամբ Տէրոջը սուրբ բաներուն դէմ մեղք գործէ, իր յանցանքի պատարագին համար հօտերէն անարատ խոյ մը՝ թող քու որոշած արժէքին չափ արծաթի սիկղ բերէ։ 16 Եւ սուրբ բաներուն մէջ իր ըրած վնասը թող հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մըն ալ աւելցնէ եւ քահանային տայ զայն։ Ու քահանան յանցանքի պատարագի խոյովը քաւութիւն ընէ անոր եւ թողութիւն ըլլայ անոր։

17 Եւ եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ, թէեւ անգիտութեամբ, անիկա յանցաւոր է ու իր անօրէնութիւնը պէտք է կրէ։ 18 Եւ քու որոշած արժէքիդ չափ յանցանքի պատարագի համար հօտերէն անարատ խոյ մը թող բերէ քահանային ու քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ՝ անոր անգիտութեամբ սխալելուն համար եւ անոր թողութիւն ըլլայ։ 19 Ասիկա յանցանքի պատարագ է։ Անիկա անշուշտ յանցաւոր եղած է Տէրոջը առջեւ»։

6 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջը դէմ յանցանք մը գործէ եւ իր դրացիին սուտ խօսի աւանդի մը համար, կամ իր ձեռքը յանձնուած բանի մը համար եւ կամ յափշտակուած բանի մը համար, կամ իր դրացիին խարդախութիւն ընելու ըլլայ, Կամ կորսուած բան մը գտնէ եւ ուրանալով սուտ տեղ երդում ընէ, բոլոր այս բաներէն ոեւէ մէկը, որ մարդ կրնայ ընել կամ մեղանչելու ըլլայ, Այն ատեն մեղք գործելուն ու յանցաւոր ըլլալուն համար, բռնութեամբ յափշտակուած բանը, կամ խարդախութեամբ առած բանը, կամ իրեն յանձնուած աւանդը, կամ գտած կորուստը ետ պէտք է տայ. Կամ այն ամէն բան որուն համար սուտ տեղ երդում ըրած է, անիկա լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մը աւելցնէ եւ իր յանցանքին պատարագին օրը, որու որ կը վերաբերէր, անոր պէտք է տայ։ Եւ իր յանցանքին պատարագը Տէրոջը բերէ, այսինքն հօտերէն անարատ խոյ մը, քու որոշած արժէքին համեմատ, թող բերէ յանցանքի պատարագին համար։ Եւ քահանան անոր համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ եւ ինչ բանի համար որ յանցանք ըրած է, թողութիւն ըլլայ անոր»։

ՈՂՋԱԿԻԶՈՒՄ

Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Պատուիրէ Ահարոնին որդիներուն ու ըսէ. Ողջակէզին օրէնքը այս է՝ ողջակէզը բոլոր գիշերը մինչեւ առտու սեղանը եղած կրակին վրայ թող մնայ ու սեղանին կրակը միշտ անոր մէջ վառուած թող մնայ։ 10 Եւ քահանան իր քթանէ պատմուճանը թող հագնի եւ կրակով այրուած ողջակէզին մոխիրը սեղանին վրայէն վերցնէ ու սեղանին քով դնէ։ 11 Եւ իր զգեստները հանէ եւ ուրիշ զգեստներ հագնի ու մոխիրը բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը հանէ։ 12 Եւ սեղանին վրայի կրակը անոր մէջ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի եւ քահանան ամէն առտու անոր վրայ փայտեր այրէ ու անոր վրայ ողջակէզը շարէ եւ անոր վրայ խաղաղութեան զոհերուն ճարպը այրէ։ 13 Կրակը սեղանին վրայ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի։

ՀԱՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ

14 Հացի ընծային օրէնքը այս է. Ահարոնին որդիները պիտի մատուցանեն զանիկա Տէրոջը սեղանին առջեւ։ 15 Եւ իր ձեռքը թող լեցնէ անկէ, այսինքն հացի ընծային բարակ ալիւրէն ու անոր իւղէն եւ հացի ընծային վրայ եղած բոլոր կնդրուկէն վերցնէ եւ անոր յիշատակի մասը սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը։ 16 Եւ անկէ մնացածը Ահարոն ու իր որդիները պիտի ուտեն։ Անխմոր հացեր շինուելով՝ սուրբ տեղը պիտի ուտուի ան. վկայութեան խորանին սրահին մէջ ուտեն զայն։ 17 Խմորով պիտի չեփուի. իմ պատարագներէս անոնց տուի զայն իրենց բաժին ըլլալու. այս մեղքի ու յանցանքի պատարագներու պէս ամենասուրբ է։ 18 Ահարոնին որդիներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զայն. Տէրոջը պատարագներէն ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ այս, ամէն անոնց դպչողը սուրբ ըլլայ»։

19 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 20 «Ահարոնին ու անոր որդիներուն օծուելու օրը Տէրոջը մատուցուելիք զոհերնին այս է՝ արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր ամէն օրուան հացի ընծայի համար պէտք է մատուցանուի, կէսը առաւօտուն ու կէսը իրիկունը։ 21 Տապակի մէջ եփելու համար իւղով պէտք է շինուի. լաւ խառնուած պիտի բերես զայն եւ հացի ընծային եփած կտորուանքը անոյշ հոտի համար Տէրոջը պիտի մատուցանես։ 22 Եւ իր որդիներէն իր տեղը օծուելու քահանան պիտի մատուցանէ զայն. ասիկա Տէրոջը յաւիտենական կանոն ըլլալով՝ բոլորովին պիտի այրուի։ 23 Եւ քահանային բոլոր հացի ընծան բոլորովին պիտի այրուի. պիտի չուտուի»։

ՄԵՂՔԻ ՊԱՏԱՐԱԳ

24 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 25 «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. Մեղքի պատարագին օրէնքը այս է՝ Ողջակէզին մորթուած տեղը պէտք է մորթուի մեղքին պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ։ Այս ամենասուրբ է։ 26 Մեղքի պատարագը մատուցանող քահանան պիտի ուտէ զայն. սուրբ տեղը, վկայութեան խորանին սրահը պէտք է ուտուի. 27 Ինչ որ անոր միսին դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ եւ եթէ անոր արիւնէն հանդերձի մը վրայ ցատկէ, սուրբ տեղը պիտի լուաս զայն՝ որուն վրայ ցատկեր էր։ 28 Եւ հողէ ամանը, որուն մէջ եռացուած է այս միսը, պիտի կտրուի ու եթէ պղնձէ ամանի մէջ եռացուած ըլլայ, պէտք է շփուի ու ջրով լուացուի։ 29 Քահանաներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զանիկա։ Այս ամենասուրբ է։ 30 Եւ ամէն մեղքի պատարագ, որուն արիւնէն վկայութեան խորանը կը բերուի սուրբ տեղին մէջ քաւութիւն ընելու համար, պէտք չէ ուտուի, այլ՝ կրակով այրուի։

ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ

7 1 «Յանցանքի պատարագին օրէնքը այս է, որ ամենասուրբ է. Ողջակէզը մորթած տեղերնին յանցանքի պատարագը պէտք է մորթեն եւ անոր արիւնը սեղանին շուրջը պէտք է սրսկէ։ Եւ անկէ բոլոր ճարպը, այսինքն դմակն ու փորոտիքը ծածկող ճարպը պէտք է մատուցանէ Եւ երկու երիկամունքն ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ ասոնք՝ Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։ Ասիկա յանցանքի պատարագ է։ Քահանաներէն ամէն արու պէտք է ուտէ զայն. սուրբ տեղը պիտի ուտուի, քանզի ամենասուրբ է։ Մեղքի պատարագը ինչպէս որ կ’ըլլայ, յանցանքի պատարագն ալ այնպէս պէտք է ըլլայ։ Անոնց օրէնքը մէկ է։ Ան քաւութիւն ընող քահանային պիտի ըլլայ։ Եւ քահանայ մը, որ մէկուն ողջակէզ կը մատուցանէ, այդ քահանան իր մատուցանած ողջակէզին մորթը իրեն պէտք է առնէ։ Եւ թոնիրի մէջ եփուած ու սանի մէջ եւ տապակի վրայ շինուած բոլոր հացի ընծան, զանիկա մատուցանող քահանային պէտք է ըլլայ։ 10 Ամէն իւղով շաղուած կամ առանց իւղի հացի ընծան Ահարոնին բոլոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։ Բոլորին բաժինը հաւասար ըլլալու է։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ

11 Տէրոջը մատուցանուելիք խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է՝ 12 Եթէ շնորհակալութեան համար պիտի մատուցանէ զայն, այն ատեն շնորհակալութեան զոհին հետ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր ու իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ եւ բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած խառնուած շօթեր պէտք է մատուցանէ։ 13 Շնորհակալութեան համար եղած իր խաղաղութեան զոհին շօթերէն զատ՝ խմորեալ հացէ ընծայ մը պէտք է մատուցանէ։ 14 Եւ անկէ, այսինքն բոլոր ընծաներէն, մէկ հատ բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը։ Ասիկա խաղաղութեան զոհին արիւնը սրսկող քահանային պիտի ըլլայ։ 15 Եւ շնորհակալութեան համար՝ իր խաղաղութեան զոհին միսը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի. անկէ մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։ 16 Եւ եթէ իր ընծան ուխտի համար է կամ կամաւոր զոհ է, զոհը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի ու մնացածը հետեւեալ օրը պէտք է ուտուի։ 17 Զոհին միսէն երրորդ օրուան մնացածը կրակով թող այրուի։ 18 Եթէ երրորդ օրը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտուելու ըլլայ, ընդունելի պիտի չըլլայ։ Անիկա մատուցանողին զոհ պիտի չսեպուի, պղծութիւն պիտի ըլլայ ու անկէ ուտող անձը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ։ 19 Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի դպած միս պէտք չէ ուտուի, կրակով պէտք է այրուի. սակայն ամէն մաքուր եղողը կրնայ ուտել խաղաղութեան զոհին միսէն։ 20 Բայց այն անձը, որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով, Տէրոջը խաղաղութեան զոհէն միս ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։ 21 Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի մը թէ՛ մարդու անմաքրութեան, թէ՛ անմաքուր անասունի եւ թէ՛ ամէն կերպ անմաքուր պիղծ բանի մը դպչող անձը եթէ Տէրոջը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտելու ըլլայ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։

22 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 23 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Բնաւ արջառի կամ ոչխարի կամ այծի ճարպ մի՛ ուտէք։ 24 Եւ մեռած անասունին ճարպը ամէն գործի մէջ կրնայ գործածուիլ, բայց անկէ բնաւ մի՛ ուտէք։ 25 Քանզի ով որ Տէրոջը պատարագ մատուցուելու անասունին ճարպէն ուտելու ըլլայ, այն ուտող անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։ 26 Ձեր բնակարաններուն մէջ բնաւ արիւն մի՛ ուտէք, թռչունի ըլլայ թէ անասունի։ 27 Ով որ ոեւէ արիւն ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։

28 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 29 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Իր խաղաղութեան զոհը Տէրոջը մատուցանողը իր խաղաղութեան զոհէն պէտք է ընծայէ Տէրոջը։ 30 Տէրոջը պատարագները իր ձեռքովը պէտք է բերէ։ Երբուծով ճարպ պէտք է բերէ, որպէս զի երբուծը երերցնելու ընծայի համար երերցուի Տէրոջը առջեւ։ 31 Քահանան ճարպը թող այրէ սեղանին վրայ. բայց երբուծը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։ 32 Ձեր խաղաղութեան զոհերէն աջ զիստը քահանային պէտք է տաք՝ բարձրացնելու ընծայի համար։ 33 Ահարոնի որդիներէն՝ խաղաղութեան զոհին արիւնը ու ճարպը ո՛վ որ մատուցանէ, աջ զիստը իրեն բաժինը պիտի ըլլայ։ 34 Քանզի անոնց խաղաղութեան զոհերէն երերցնելու երբուծը եւ բարձրացնելու զիստը Իսրայէլի որդիներէն առի եւ զանոնք յաւիտենական կանոնով Իսրայէլի որդիներէն Ահարոն քահանային ու անոր որդիներուն տուի։ 35 Ասիկա Տէրոջը պատարագներէն Ահարոնին եւ անոր որդիներուն իրենց օծման բաժին տրուեցաւ, զանոնք Տէրոջը քահանայութիւն ընելու մօտեցուցած օրը, 36 Որոնց օծուած օրը, Տէրը հրամայեց, որ Իսրայէլի որդիներէն անոնց տրուի։ Իրենց ցեղերուն յաւիտենական պարտքն է»։

37 Ողջակէզին, հացի ընծային եւ մեղքի պատարագին եւ յանցանքի պատարագին ու օրհնութիւններուն եւ խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է, 38 Որը Տէրը պատուիրեց Մովսէսին Սինա լեռը, այն օրը երբ Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց իրենց ընծաները Տէրոջը մատուցանել Սինայի անապատին մէջ։

ԱՀԱՐՈՆԻՆ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՕԾՈՒՄԸ

(Ելից 29։1-37)

8 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ա՛ռ Ահարոնն ու անոր որդիները իրեն հետ եւ զգեստներն ու օծման իւղը եւ մեղքի պատարագին զուարակն ու երկու խոյերը եւ անխմոր հացին սակառը Եւ հաւաքէ բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ վկայութեան խորանին դուռը»։ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ ու ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցաւ վկայութեան խորանին դուռը։ Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Այս է ինչ որ Տէրը պատուիրեց»։ Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ զանոնք ջրով լուաց Եւ անոր հագցուց շապիկը ու անոր մէջքը կապեց գօտին եւ պատմուճանը հագցուց անոր ու եփուտը անոր վրայ դրաւ ու եփուտին ժապաւէնովը փաթթեց ու անով գօտեւորեց զանիկա։ Եւ լանջապանակը անոր վրայ դրաւ ու լանջապանակին մէջ Ուրիմն ու Թումիմը դրաւ։ Եւ խոյրը անոր գլուխը դրաւ ու խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմէն ոսկի թիթեղը, այսինքն սուրբ պսակը դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։

10 Մովսէս օծման իւղը առաւ ու խորանը եւ բոլոր անոր մէջ եղածները օծեց ու սրբեց զանոնք 11 Եւ անկէ սեղանին վրայ սրսկեց եօթը անգամ եւ սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները եւ աւազանն ու անոր խարիսխը օծեց, զանոնք սրբելու համար։ 12 Եւ օծման իւղէն Ահարոնին գլխուն վրայ թափելով՝ զանիկա սրբելու համար օծեց։ 13 Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնին որդիները ու անոնց շապիկներ հագցուց եւ մէջքերնին գօտի կապեց ու անոնց գլուխը ապարօշներ փաթթեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։

14 Եւ մեղքի պատարագին զուարակը մօտեցուց եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը մեղքի պատարագ ըլլալիք զուարակին գլխուն վրայ դրին։ 15 Մորթեց զանիկա եւ Մովսէս արիւնը առաւ ու իր մատովը սեղանին եղջիւրներուն շուրջը դնելով, մաքրեց սեղանը ու արիւնը սեղանին յատակը թափեց եւ անոր վրայ քաւութիւն ընելու համար սրբեց զայն։ 16 Եւ փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպը առաւ ու Մովսէս սեղանին վրայ այրեց զանոնք։ 17 Բայց զուարակը, այսինքն անոր մորթը եւ միսը ու անոր աղբը, բանակէն դուրս կրակով այրեց, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։

18 Եւ ողջակէզին խոյը մօտեցուց։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին։ 19 Եւ մորթեց զանիկա եւ Մովսէս շուրջանակի սեղանին վրայ սրսկեց արիւնը 20 Եւ խոյը կտոր կտոր ըրաւ ու Մովսէս այրեց գլուխը եւ կտորներն ու ճարպը։ 21 Փորոտիքն ու ոտքերը ջրով լուաց եւ Մովսէս բոլոր խոյը սեղանին վրայ այրեց։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ էր Տէրոջը, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։

22 Եւ մօտեցուց միւս խոյը, այսինքն օրհնութեան խոյը։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին 23 Եւ մորթեց զանիկա ու Մովսէս անոր արիւնէն առաւ եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսեց։ 24 Ահարոնին որդիներն ալ մօտեցուց ու Մովսէս արիւնէն անոնց աջ ականջներուն բլթակներուն վրայ եւ անոնց աջ ձեռքերուն մեծ մատներուն վրայ ու անոնց աջ ոտքերուն մեծ մատներուն վրայ քսեց եւ Մովսէս սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց մնացած արիւնը։ 25 Եւ ճարպը, դմակն ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպն ու աջ զիստը առաւ 26 Եւ Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն անխմոր շօթ մը, իւղով հացի շօթ մը ու լաւաշ մը առաւ եւ ճարպերուն վրայ ու աջ զստին վրայ դրաւ։ 27 Եւ բոլորը Ահարոնին ու անոր որդիներուն ձեռքը դնելով՝ զանոնք Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց։ 28 Եւ Մովսէս անոնց ձեռքէն առաւ զանոնք ու սեղանը եղած ողջակէզին վրայ այրեց։ Ասոնք օրհնութեան համար անուշահոտ պատարագ էին Տէրոջը։ 29 Եւ Մովսէս երբուծը առաւ ու Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց։ Ասիկա օրհնութեան խոյէն Մովսէսին բաժինը եղաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։ 30 Եւ Մովսէս օծման իւղէն ու սեղանին վրայ եղած արիւնէն առնելով՝ Ահարոնին վրայ ու անոր հանդերձներուն վրայ եւ անոր որդիներուն վրայ ու անոր որդիներուն հանդերձներուն վրայ սրսկեց եւ Ահարոնն ու անոր հանդերձները եւ անոր որդիներն ու անոր որդիներուն հանդերձները սրբեց։

31 Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն. «Միսը վկայութեան խորանին դրանը քով եռացուցէք եւ հոն օրհնութեան սակառին մէջի հացերովը կերէք զանիկա, ինչպէս ինծի պատուիրուեցաւ, ըսելով թէ Ահարոնն ու անոր որդիները պիտի ուտեն զանոնք։ 32 Եւ միսէն ու հացէն աւելցածը կրակով այրեցէ՛ք 33 Եւ եօթը օր վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, մինչեւ ձեր օրհնութեան օրերուն վերջին օրը. վասն զի ձեր օրհնութիւնը եօթը օր պիտի ըլլայ։ 34 Այս օրուան եղածին պէս, ձեզի համար քաւութիւն ընելու, Տէրը հրաման ըրաւ, որ այսպէս ընէք։ 35 Ուստի ցորեկը ու գիշերը եօթը օր վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի նստիք ու Տէրոջը պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէս զի չմեռնիք. քանզի այսպէս պատուիրուած է ինծի Տէրոջմէն»։ 36 Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին միջոցով պատուիրած բոլոր բաները ըրին։

ԱՀԱՐՈՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ԿԸ ՄԱՏՈՒՑԱՆԷ

9 1 Ութերորդ օրը Մովսէս կանչեց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ Իսրայէլի ծերերը Եւ ըսաւ Ահարոնին. «Ա՛ռ քեզի մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը ու ողջակէզի համար՝ խոյ մը. անոնք անարատ պէտք է ըլլան եւ Տէրոջը առջեւ մօտեցո՛ւր Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՝ ըսելով. ‘Մեղքի պատարագի համար այծերէն՝ նոխազ մը եւ ողջակէզի համար զուարակ մը ու գառնուկ մը առէ՛ք. մէկ տարեկան եւ անարատ ըլլալու են։ Նաեւ խաղաղութեան զոհերուն համար Տէրոջը առջեւ զոհելու արջառ մը ու խոյ մը ու իւղով շաղուած հացի ընծայ առէք. վասն զի այսօր Տէրը ձեզի պիտի երեւնայ’»։ Եւ Մովսէսին պատուիրածները վկայութեան խորանին առջեւ բերին ու բոլոր ժողովուրդը մօտեցան ու Տէրոջը առջեւ կայնեցան։ Եւ Մովսէս ըսաւ. «Այս է Տէրոջը պատուէրը. ասիկա ըրէ՛ք ու Տէրոջը փառքը ձեզի պիտի երեւնայ»։ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Սեղանին մօտեցի՛ր ու քու մեղքի պատարագդ եւ ողջակէզդ ըրէ՛ եւ քեզի համար ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրէ՛ եւ ժողովուրդին ընծան մատուցանելով՝ անոնց համար քաւութիւն ըրէ՛ Տէրոջը պատուիրածին պէս»։

Ուստի Ահարոն սեղանին մօտեցաւ եւ իրեն համար եղած մեղքի պատարագին զուարակը մորթեց։ Ահարոնին որդիները արիւնը մօտեցուցին անոր ու անիկա իր մատը արիւնը թաթխեց ու սեղանին եղջիւրներուն վրայ քսեց եւ մնացած արիւնը սեղանին յատակը թափեց. 10 Մեղքի պատարագին ճարպը եւ երիկամունքները եւ լեարդին թաղանթը սեղանին վրայ այրեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ 11 Եւ միսն ու մորթը բանակին դուրսի կողմը կրակով այրեց։ 12 Եւ ողջակէզը մորթեց ու Ահարոնին որդիները արիւնը իրեն բերին։ Ահարոն սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց զայն։ 13 Եւ ողջակէզը կտորներովը ու գլխովը իրեն բերին եւ սեղանին վրայ այրեց։ 14 Եւ փորոտիքն ու ոտքերը լուաց ու սեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրեց։

15 Եւ ժողովուրդին ընծան մօտեցուց ու ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըրաւ, առաջուանին պէս։ 16 Եւ ողջակէզը մօտեցուց ու օրէնքին համաձայն մատուցանեց։ 17 Եւ հացի ընծան մօտեցուց ու անկէ ձեռքը լեցուց եւ սեղանին վրայ այրեց, առտուան ողջակէզէն զատ։ 18 Եւ ժողովուրդին խաղաղութեան զոհ ըլլալու արջառը ու խոյը մորթեց եւ Ահարոնին որդիները արիւնը անոր բերին ու սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց զայն։ 19 Եւ արջառին ճարպերն ու խոյին դմակը եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը ու երիկամունքներն ու լեարդին թաղանթը բերին 20 Եւ ճարպերը երբուծներուն վրայ դրին ու ճարպերը սեղանին վրայ այրեց։ 21 Ահարոն երբուծներն ու աջ զիստը Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց, ինչպէս Մովսէսին պատուիրեր էր։

22 Եւ Ահարոն իր ձեռքերը ժողովուրդին վրայ երկնցուց ու օրհնեց զանոնք եւ մեղքի պատարագն ու ողջակէզը եւ խաղաղութեան զոհերը մատուցանելէն ետքը իջաւ։ 23 Մովսէս ու Ահարոն վկայութեան խորանը մտան եւ անկէ ելլելով ժողովուրդը օրհնեցին եւ Տէրոջը փառքը բոլոր ժողովուրդին երեւցաւ։ 24 Եւ Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սեղանին վրայ եղած ողջակէզը եւ ճարպը այրեց եւ բոլոր ժողովուրդը տեսնելով՝ աղաղակեցին ու երեսնուն վրայ ինկան։

ՆԱԴԱԲԻՆ ՈՒ ԱԲԻՈՒԴԻՆ ՄԵՂՔԸ

10 1 Ահարոնին որդիները՝ Նադաբ եւ Աբիուդ՝ ամէն մէկը իր բուրվառը առաւ ու անոր մէջ կրակ դրին եւ վրան խունկ դրին ու Տէրոջը առջեւ անսուրբ կրակ մատուցանեցին, որ ինք պատուիրած չէր անոնց։ Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սպառեց զանոնք եւ Տէրոջը առջեւ մեռան։ Այն ատեն Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Տէրը այսպէս խօսեցաւ, ըսելով. ‘Ինծի մօտեցողներուն մէջ սուրբ պիտի սեպուիմ ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ փառաւորուիմ’» եւ Ահարոն լուռ կեցաւ։ Մովսէս կանչեց Ահարոնին հօրեղբօրը Ոզիէլին որդիները՝ Միսայէլն ու Եղիսափանը՝ եւ ըսաւ անոնց. «Մօտեցէ՛ք, ձեր եղբայրները սրբարանին առջեւէն բանակէն դուրս տարէ՛ք»։ Անոնք մօտեցան ու Մովսէսին ըսածին պէս՝ զանոնք իրենց շապիկներովը բանակէն դուրս տարին։

Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին. «Գլուխնիդ մի՛ բանաք ու հանդերձնիդ մի՛ պատռէք, որպէս զի չմեռնիք եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ. բայց ձեր եղբայրները՝ Իսրայէլի բոլոր տունը՝ Տէրոջը այրածին վրայ թող լան։ Եւ դուք վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, որպէս զի չմեռնիք. վասն զի Տէրոջը օծման իւղը վրանիդ է»։ Անոնք Մովսէսին ըսածին պէս ըրին։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Եւ Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին՝ ըսելով. «Երբ վկայութեան խորանը մտնէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու որդիներդ, գինի կամ օղի մի՛ խմէք, որպէս զի չմեռնիք։ Ասիկա ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ, 10 Որպէս զի սուրբին ու անսուրբին մէջտեղ եւ անմաքուրին ու մաքուրին մէջտեղ տարբերութիւն դնէք 11 Եւ որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն սորվեցնէք բոլոր կանոնները, որոնք Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած է անոնց»։

12 Մովսէս խօսեցաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին. «Տէրոջը պատարագներէն աւելցած հացի ընծան առէք ու սեղանին քով բաղարջ կերէք. վասն զի անիկա ամենասուրբ է։ 13 Սուրբ տեղը կերէք զանիկա, վասն զի Տէրոջը պատարագներէն քու իրաւունքդ ու քու որդիներուդ իրաւունքն է. քանզի ինծի այսպէս պատուիրուած է։ 14 Եւ երերցնելու երբուծը ու բարձրացնելու զիստը՝ դուն ու քու որդիներդ եւ քու աղջիկներդ քեզի հետ մաքուր տեղ մը կերէք, վասն զի Իսրայէլի որդիներուն խաղաղութեան զոհերէն որպէս քու իրաւունքդ ու քու որդիներուդ իրաւունքը տրուած են։ 15 Բարձրացնելու զիստն ու երերցնելու երբուծը ճարպին պատարագներովը Տէրոջը առջեւ երերցնելու համար թող բերեն, որպէս զի Տէրոջը պատուիրածին պէս քուկդ ու քու որդիներուդ ըլլայ յաւիտենական կանոնով»։

16 Եւ Մովսէս մեղքի պատարագին նոխազը զգուշութեամբ փնտռեց եւ ահա այրուած էր, ուստի Ահարոնին որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին՝ բարկացաւ՝ ըսելով. 17 «Ինչո՞ւ մեղքի պատարագը սուրբ տեղը չկերաք. քանզի այս ամենասուրբ է ու Տէրը տուաւ ձեզի, որպէս զի ժողովուրդին անօրէնութիւնը վերցնէք ու Տէրոջը առջեւ անոնց համար քաւութիւն ընէք։ 18 Ահա անոր արիւնը սրբարանին մէջ չբերուեցաւ. դուք իմ պատուիրածիս պէս անպատճառ սուրբ տեղը ուտելու էիք զայն»։ 19 Եւ Ահարոն ըսաւ Մովսէսին. «Ահա այսօր իրենց մեղքի պատարագը ու ողջակէզը Տէրոջը առջեւ մատուցանեցին ու գլխուս այսպիսի բաներ եկան եւ եթէ այսօր մեղքի պատարագը ուտելու ըլլայի, Տէրոջը առջեւ հաճելի պիտի ըլլա՞ր արդեօք»։ 20 Եւ երբ Մովսէս այս լսեց, հաճեցաւ։

ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԱՐԵԼԻ Է ՈՒՏԵԼ

(Բ. Օր. 14։3-21)

11 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ք. Երկրի վրայ եղած բոլոր անասուններէն հետեւեալ անասունները պիտի ուտէք. Ամէն ճեղքուած կճղակ ունեցող կճղակաբաշխ ու որոճացող անասուն կրնաք ուտել։ Բայց որոճացողէն կամ կճղակաբաշխ եղածէն հետեւեալները պիտի չուտէք՝ ուղտը, վասն զի անիկա թէեւ կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ Եւ ճագարը, վասն զի անիկա կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ Եւ նապաստակը, որ թէեւ կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ։ Եւ խոզը, որ թէեւ կճղակաբաշխ է եւ ճեղքուած կճղակ ունի, բայց չ’որոճար, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ։ Ասոնց միսէն մի՛ ուտէք ու դիակներուն մի՛ դպչիք. ձեզի անմաքուր են։

Ջուրերու մէջ բոլոր եղածներէն հետեւեալները կերէք՝ ջուրերու մէջ, այսինքն ծովերու մէջ եւ գետերու մէջ բոլոր թեւ ու թեփ ունեցողը կրնաք ուտել։ 10 Եւ ծովերու մէջ ու գետերու մէջ եղած բոլոր անթեւ ու անթեփ եղածները՝ ջուրերուն բոլոր զեռունները եւ ջուրերուն մէջ եղած շունչ ունեցող բոլոր կենդանիները՝ պիղծ ըլլան ձեզի։ 11 Անոնք ձեզի պիղծ ըլլան. անոնց միսէն մի՛ ուտէք եւ անոնց դիակներէն զզուեցէ՛ք։ 12 Ջուրերուն մէջ եղած բոլոր անթեւ ու անթեփ եղածները ձեզի պիղծ ըլլան։

13 Եւ թռչուններուն մէջ հետեւեալները պիղծ պիտի սեպէք, պիտի չուտէք։ Պիղծ են արծիւը եւ պսկուճը ու գետարծիւը 14 Եւ ցինն ու անգղը իր տեսակին պէս 15 Եւ ագռաւը իր տեսակին պէս 16 Եւ ջայլամն ու բուն եւ կկուն ու բազէն իրենց տեսակին պէս 17 Եւ հաւպատիրն ու հողամաղը եւ քաջահաւը 18 Եւ կարապը եւ հաւալուսը ու սեւ անգղը 19 Եւ արագիլն ու քարադրը իրենց տեսակին պէս եւ յոպոպն ու չիղջը։

20 Ամէն չորս ոտքի վրայ քալող թռչող զեռուն ձեզի պիղծ սեպեցէք։ 21 Սակայն հետեւեալները կերէք. չորս ոտքի վրայ քալող բոլոր թռչող զեռուններէն՝ երկրի վրայ ցատկելու համար՝ ոտքերնուն վրայ ազդր ունեցողները։ 22 Անոնցմէ հետեւեալները կերէք՝ մարախը իր տեսակին պէս ու գրուիճը իր տեսակին պէս եւ խարագուլը իր տեսակին պէս ու ջորեակը իր տեսակին պէս։ 23 Բայց մնացած բոլոր չորս ոտքով թռչող զեռունները ձեզի պիղծ ըլլան։ 24 Անոնցմով դուք անմաքուր պիտի ըլլաք. ամէն անոնց դիակներուն դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ 25 Եւ բոլոր անոնց դիակները վերցնողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ 26 Բոլոր անասունները, որոնք կճղակաբաշխ են, բայց կճղակնին ճեղքուած չէ եւ չեն որոճար, անմաքուր են ձեզի. ով որ անոնց դիակներուն դպչի, անմաքուր պիտի ըլլայ։

27 Եւ բոլոր չորս ոտքի վրայ քալող անասուններէն՝ բոլոր թաթերնուն վրայ քալողները անմաքուր ըլլան ձեզի. ամէն անոնց դիակներուն դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ 28 Եւ անոնց դիակները վերցնողը իր լաթերը պէտք է լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ. անոնք անմաքուր են ձեզի։

29 Եւ երկրի վրայ սողացող սողուններուն մէջ հետեւեալները անմաքուր են ձեզի՝ աքիսն ու մուկը եւ տիտեռը իրենց տեսակին պէս 30 Եւ կովադիան ու մողէսը եւ քարաթօշը ու խոմէթը եւ գետնառիւծը։ 31 Բոլոր սողացողներուն մէջ ձեզի անմաքուր եղածները ասոնք են։ Անոնց մեռածին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։

32 Եւ անոնցմէ մեռած մը ինչ բանի վրայ որ իյնայ, փայտէ աման ըլլայ կամ հանդերձ կամ մորթ կամ քուրձ, ի՛նչ տեսակ գործածական աման որ ըլլայ, անմաքուր պիտի ըլլայ։ Ջուրը պիտի ձգուի ան ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ եւ ետքը մաքուր սեպուի։ 33 Անոնցմէ ոեւէ մէկը, որ հողէ ամանին մէջ իյնալու ըլլայ, ամանին մէջ եղածը անմաքուր պիտի ըլլայ։ Այն ամանը պէտք է կոտրէք։ 34 Ամէն ուտելու կերակուր, որուն վրայ ջուր կայ ու ասոնցմէ ոեւէ մէկը մէջը իջնայ, անմաքուր պիտի ըլլայ. նոյնպէս ամէն ամանի մէջ եղած բոլոր խմուելիքը անմաքուր պիտի ըլլայ։ 35 Եւ ամէն բան, որուն վրայ ասոնց դիակը կ’իյնայ, անմաքուր պիտի ըլլայ. թէ՛ թոնիր ըլլայ եւ թէ՛ վառարան, պիտի աւրուի. ասոնք անմաքուր են ու անմաքուր պիտի սեպուին ձեզի։ 36 Բայց աղբիւրը կամ հորը, ուր հաւաքուած ջուր կայ, մաքուր պիտի ըլլայ. սակայն անոնց դիակներուն դպչողը անմաքուր պիտի ըլլայ։ 37 Եւ եթէ անոնց դիակը ցանուելու սերմի վրայ իյնայ, մաքուր պիտի ըլլայ այն։ 38 Բայց եթէ սերմին վրայ ջուր դրուած ըլլայ ու անոր վրայ անոնց դիակը իյնայ, այն ձեզի անմաքուր պիտի ըլլայ։

39 Եւ եթէ ձեր ուտելու կենդանիներէն մէկը մեռնի, անոր դիակին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ 40 Եւ անոր դիակէն ուտողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ եւ անոր դիակը վերցնողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։

41 Երկրի վրայ սողացող ամէն սողուն պիղծ է. պէտք չէ ուտուի այն։ 42 Երկրի վրայ բոլոր սողացող սողունները՝ իր փորին վրայ քալողը կամ չորս ոտքի վրայ պտըտողը եւ կամ բազմոտանի եղածները մի՛ ուտէք, վասն զի պիղծ են։ 43 Ոեւէ սողունով անձերնիդ մի՛ պղծէք. անոնցմով պղծուելով անձերնիդ անմաքուր մի՛ ընէք։ 44 Որովհետեւ ես եմ Տէր Աստուածը, ուստի սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ։ Բնաւ երկրի վրայ սողացող ոեւէ զեռունով անձերնիդ մի՛ պղծէք։ 45 Քանզի ես եմ Եհովան, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, որպէս զի ձեզի Աստուած ըլլամ. ուստի սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ»։

46 Չորքոտանիներուն եւ թռչուններուն ու ջուրերուն մէջ շարժող բոլոր շնչաւոր կենդանիներուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն օրէնքը այս է. 47 Որպէս զի անմաքուրին ու մաքուրին մէջտեղ եւ ուտուելու անասունին ու չուտուելու անասունին մէջտեղ տարբերութիւն դնէք»։

ՈՐԴԵԾՆՈՒԹԵՆԷ ՅԵՏՈՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ

12 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եթէ կին մը սերմ առնէ ու արու զաւակ ծնանելու ըլլայ, եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ. իր դաշտանին համար զատուելու օրերուն համեմատ անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ ութերորդ օրը տղուն անթլփատութեան մարմինը պիտի թլփատուի։ Անիկա իր մաքրուելուն արիւնովը երեսունըերեք օր պիտի նստի ու մինչեւ իր մաքրուելու օրերուն լմննալը՝ բնաւ սուրբ բանի մը պիտի չդպչի, ո՛չ ալ սրբարանը մտնէ։ Բայց եթէ անիկա աղջիկ ծնանելու ըլլայ, երկու շաբաթ անմաքուր պիտի ըլլայ իր դաշտանի ժամանակին պէս եւ վաթսունըվեց օր իր մաքրուելուն արիւնովը պիտի նստի։

«Երբ տղայ կամ աղջիկ զաւկի համար իր մաքրուելու օրերը լմննան, վկայութեան խորանին դուռը ողջակէզի համար մէկ տարեկան գառ ու մեղքի պատարագի համար աղաւնիի ձագ մը կամ տատրակ մը պէտք է բերէ քահանային, Որ մատուցանէ Տէրոջը ու քաւութիւն ընէ անոր համար եւ անիկա իր արիւնին աղբիւրէն պիտի մաքրուի։ Արու կամ էգ զաւակ ծնանողին օրէնքը այս է։ Եւ եթէ գառ բերելու կարող չըլլայ, երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ, մէկը ողջակէզի ու միւսը մեղքի պատարագի համար եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր համար ու անիկա մաքրուի»։

ՄՈՐԹԱՅԻՆ ՈՒՌԵՑՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

13 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Եթէ մարդու մը մարմնին մորթին վրայ ուռեցք կամ քոս կամ պաղպաջ ըլլալով՝ անոր մարմնին մորթին վրայ բորոտութեան ախտին պէս նշան մը երեւնալու ըլլայ, այն ատեն անիկա Ահարոն քահանային կամ անոր որդիներէն՝ քահանաներէն՝ մէկուն պէտք է բերուի։ Եւ քահանան թող նայի մարմնին մորթին վրայ եղած ախտին նշաններուն ու եթէ ախտին մէջի մազերը ճերմակի դառնալով՝ ախտը մարմնին մորթէն խորունկ երեւնայ, բորոտութեան ախտ է այն։ Քահանան թող նայի անոր ու թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը։ Բայց եթէ անոր մարմնին մորթին վրայի պաղպաջը ճերմակ է ու մորթէն խորունկ չերեւնար եւ մազն ալ ճերմակի դարձած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ ախտաւորը։ Եւ քահանան եօթներորդ օրը թող նայի անոր ու եթէ ախտը դեռ կը կենայ, բայց մորթին վրայ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր ալ գոցուած թող պահէ զանիկա։ Եւ քահանան եօթներորդ օրը նորէն թող նայի անոր ու եթէ սպիացած ըլլայ ու մորթին մէջ տարածուած չըլլայ, քահանան թող ծանուցանէ անոր մաքուր ըլլալը։ Ասիկա միայն քոս մըն է եւ անիկա իր լաթերը թող լուայ ու մաքրուի։ Բայց եթէ իր մաքրուելուն համար քահանայէն քննուելէն ետքը՝ քոսը մորթին մէջ տարածուի, քահանան նորէն թող նայի անոր։ Եւ քահանային նայած ատենը եթէ քոսը մորթին մէջ տարածուած է, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Բորոտութիւն է ատիկա։

Եթէ մարդու մը վրայ բորոտութեան ախտը ըլլայ, անիկա քահանային պէտք է տարուի։ 10 Եւ քահանան թող նայի եւ եթէ մորթին մէջ ճերմակ ուռեցք կայ ու ճերմակի դարձեր է մազը եւ ուռեցքին մէջ ողջ միսի նշան կայ, 11 Ասիկա անոր մարմնին մորթին վրայ հինցած բորոտութիւն է։ Քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ եւ գոցուած չպահէ զանիկա, վասն զի անմաքուր է։

12 Եթէ բորոտութիւնը մորթին վրայ տարածուեր է ու ախտաւորին բոլոր մորթը գլխէն մինչեւ ոտքը, այսինքն քահանային աչքերուն բոլոր տեսած տեղերը, բորոտութիւնը պատեր է, 13 Եւ քահանան տեսնէ որ բորոտութիւնը անոր բոլոր մարմինը պատած է, այն ատեն ախտաւորին մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ. քանզի բոլորովին ճերմակ դարձած է։ Անիկա մաքուր է։ 14 Բայց երբ անոր վրայ ողջ միս տեսնուի, անիկա անմաքուր պիտի սեպուի։ 15 Եթէ քահանան տեսնէ ողջ միսը, անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Ողջ միսը անմաքուր է. բորոտութիւն է։ 16 Իսկ եթէ ողջ միսը փոխուի նորէն ու ճերմակի դառնալու ըլլայ, այն ատեն քահանային թող գայ 17 Եւ քահանան քննէ զանիկա ու եթէ ախտը ճերմակի դարձեր է, այն ատեն քահանան ախտաւորին մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա մաքուր է։

18 Եթէ մարմնին մորթին վրայ պալար ըլլայ ու առողջանայ 19 Եւ պալարին տեղը ճերմակ ուռեցք կամ քիչ մը կարմրած ճերմակ պաղպաջ մնայ, քահանային թող ցուցուի այն։ 20 Եւ երբ քահանան տեսնէ թէ մորթէն ցած կ’երեւնայ եւ մազը ճերմակի դարձած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա պալարէ ելած բորոտութեան ախտ է։ 21 Իսկ եթէ քահանան տեսնէ թէ ճերմակ մազ չկայ անոր մէջ ու մորթէն ցած չէ՝ բայց սպիացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ զանիկա։ 22 Եթէ մորթին վրայ տարածուած ըլլայ, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Ախտ է այն։ 23 Բայց եթէ պաղպաջը իր տեղը կը կենայ ու չէ տարածուեր, պալարին սպին է. քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։

24 Իսկ եթէ մարմնին մորթին վրայ կրակի այրած ըլլայ ու այրածին նշանը քիչ մը կարմրած ճերմակ պաղպաջ ըլլայ, 25 Քահանան անոր նայած ատենը՝ եթէ պաղպաջին մէջ մազը ճերմակի դարձած է ու մորթէն խորունկ կ’երեւնայ, անիկա այրածէն առաջ եկած բորոտութիւն է։ Քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա բորոտութեան ախտ է։ 26 Բայց եթէ քահանային նայած ատենը, պաղպաջին մէջ մազը ճերմակ չէ ու մորթէն խորունկ չէ, հապա սպիացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ զանիկա։ 27 Եօթներորդ օրը քահանան թող նայի անոր. եթէ մորթին մէջ տարածուած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա բորոտութեան ախտ է։ 28 Եւ եթէ պաղպաջը իր տեղ կը կենայ ու մորթին վրայ տարածուած չէ, հապա աղօտացած է, անիկա այրածին ուռեցքն է։ Քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ. վասն զի այրածին սպին է։ 29 Եւ եթէ մարդու մը կամ կնոջ մը գլուխը կամ կզակը ախտ մը ըլլայ, 30 Քահանան թող քննէ ախտը եւ եթէ մորթէն խորունկ երեւնայ ու անոր մէջ բարակ դեղին մազ ըլլայ, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա գոնջութիւն է, գլուխի կամ կզակի բորոտութիւն է։ 31 Եւ եթէ քահանան գոնջութեան ախտը տեսնէ որ մորթէն խորունկ չերեւնար ու անոր մէջ սեւ մազ չկայ, այն ատեն քահանան գոնջութեան ախտացածը եօթը օր գոցուած թող պահէ։ 32 Եօթներորդ օրը քահանան ախտաւորին թող նայի ու եթէ գոնջութիւնը տարածուած չէ եւ անոր մէջ դեղին մազ չկայ ու գոնջութիւնը մորթէն խորունկ չերեւնար, 33 Անիկա թող ածիլուի, բայց գոնջութիւնը թող չածիլէ։ Քահանան եօթը օր ալ գոցուած թող պահէ գոնջութիւն ունեցողը։ 34 Եօթներորդ օրը քահանան գոնջութիւն ունեցողը թող քննէ եւ եթէ գոնջութիւնը մորթին մէջ տարածուած չէ ու մորթէն խորունկ չերեւնար, այն ատեն քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ եւ անիկա իր լաթերը թող լուայ ու մաքրուի։ 35 Բայց եթէ իր մաքրուելէն ետքը գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուի, 36 Այն ատեն քահանան թող նայի անոր եւ եթէ գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուած է, այն ատեն քահանան ա՛լ դեղին մազ թող չփնտռէ։ Անիկա անմաքուր է։ 37 Բայց եթէ գոնջութիւնը եղածին պէս կը կենայ եւ անոր մէջ սեւ մազ բուսեր է, գոնջութիւնը բժշկուած է։ Անիկա մաքրուած է, ուստի քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։

38 Եթէ մարդ մը կամ կին մը իր մարմնին մորթին վրայ պաղպաջներ, այսինքն ճերմակ պաղպաջներ ունենայ, 39 Այն ատեն քահանան թող քննէ եւ եթէ անոնց մարմիններուն մորթին վրայի պաղպաջները սպիացած ճերմակ ըլլան, ըսել է թէ մորթին մէջ գոյացածը պիսակ է։ Անիկա մաքուր է։

40 Եթէ մարդու մը գլխուն մազը թափելու ըլլայ, անիկա կնտակ է, բայց մաքուր է։ 41 Եւ եթէ անոր երեսին կողմէն գլխուն մազերը թափած ըլլան, անիկա ճեղ է, բայց մաքուր է։ 42 Բայց եթէ կնտութեան կամ ճեղութեան մէջ քիչ մը կարմրած ճերմակ վէրք ըլլայ, ան, կնտութեանը կամ ճեղութեանը մէջ գոյացած բորոտութիւն է։ 43 Այն ատեն քահանան թող նայի անոր եւ եթէ անոր կնտութեանը կամ ճեղութեանը մէջ, վէրքին ուռեցքը քիչ մը կարմրած ճերմակ ըլլայ, մարմնին մորթին վրայ եղած բորոտութեան երեւոյթին պէս, 44 Այն մարդը բորոտ է, անմաքուր է. քահանան անպատճառ անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անոր ախտը իր գլխուն վրայ է։

45 Ախտ ունեցող բորոտին հանդերձը թող պատռուի եւ անոր գլուխը մերկ ու անոր շրթունքները ծածկուին եւ ձայն թող տայ թէ՝ ‘Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ’։ 46 Ախտը իր վրայ եղած բոլոր օրերը անմաքուր պիտի սեպուի. անիկա անմաքուր է, մինակ պէտք է նստի. անոր բնակութիւնը բանակէն դուրս պէտք է ըլլայ։

ԲՈՐՈՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

47 Այն հանդերձը, որուն մէջ բորոտութեան ախտ կայ, բուրդէ հանդերձ ըլլայ, կամ քթանէ հանդերձ, 48 Քթանեղէնի կամ բրդեղէնի առէջի կամ թեզանի մէջ կամ մորթի մէջ եւ կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ, 49 Այսինքն՝ եթէ հանդերձի կամ մորթի մէջ, կամ առէջի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ քիչ մը կանանչ կամ կարմրած ախտի նշան ըլլայ, բորոտութեան ախտ է, ուստի քահանային թող ցուցուի։ 50 Եւ քահանան պէտք է քննէ ախտը ու եօթը օր գոցուած պահէ ախտացեալ բանը։ 51 Եօթներորդ օրը ախտացեալ բանին թող նայի. եթէ ախտին նշանը տարածուած է հանդերձի մը մէջ, կամ առէջի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթի մէջ եւ կամ գործածուելու համար մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ, այս ախտը բորբոքած բորոտութիւն է. անմաքուր է։ 52 Ուստի անիկա պիտի այրէ բրդեղէն կամ քթանեղէն հանդերձը կամ առէջ կամ թեզանը կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանը, որուն մէջ այն ախտը կայ. որովհետեւ բորբոքած բորոտութիւն է ան, կրակով պէտք է այրուի։ 53 Եւ եթէ քահանան տեսնէ որ ախտին նշանը հանդերձին մէջ կամ առէջին կամ թեզանին մէջ կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանի մէջ տարածուած չէ, 54 Այն ատեն քահանան թող հրամայէ, որ այն ախտացեալ բանը լուան ու նորէն եօթը օր գոցուած պահէ զայն։ 55 Ախտացեալ բանին լուացուելէն ետքը եթէ քահանան տեսնէ, որ ախտին նշանը իր գոյնը չէ փոխեր ու ախտը տարածուած ալ չէ, անիկա անմաքուր է. կրակի մէջ պէտք է այրես զայն։ Անոր տակ կամ վրայ փտտութիւն կայ։ 56 Եթէ քահանան տեսնէ թէ անոր լուացուելէն ետքը ախտին նշանը սպիացած է, այն ատեն ախտացեալ մասը հանդերձէն կամ մորթէն կամ առէջէն եւ կամ թեզանէն թող պատռէ։ 57 Եւ եթէ հանդերձին մէջ կամ առէջին կամ թեզանին մէջ կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանին մէջ նորէն երեւնալու ըլլայ, անիկա տարածուած բորոտութիւն է. վրան ախտ ունեցող բանը կրակի մէջ այրէ՛։ 58 Եւ այն հանդերձը կամ առէջը կամ թեզանը, կամ ոեւէ մորթէ շինուած բան, որ լուացուելէն ետքը ախտը անկէ գացած է, նորէն թող լուացուի, որ մաքրուի։ 59 Բուրդէ կամ քթանէ հանդերձի մէջ կամ առէջի կամ թեզանի մէջ կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ երեւցած բորոտութեան ախտին օրէնքը այս է, անոր մաքուր կամ անմաքուր ըլլալը ծանուցանելու համար»։

ԲՈՐՈՏՈՒԹԵՆԷ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ

14 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Բորոտին օրէնքը այս ըլլալու է մաքրուելու օրը. Անիկա քահանային թող տարուի Եւ քահանան բանակէն դուրս թող ելլէ ու քահանան քննէ ու եթէ բորոտին բորոտութեան ախտը բժշկուած է, Այն ատեն քահանան թող հրամայէ, որ մաքրուած մարդուն համար երկու ողջ եւ մաքուր թռչուն ու եղեւնափայտ ու կրկնակի կարմիր եւ զոպայ առնուի։ Եւ քահանան թող հրամայէ որ թռչունին մէկը հողէ ամանի մը մէջ կենդանի ջուրի վրայ մորթուի։ Ողջ թռչունն ու եղեւնափայտը եւ կրկնակի կարմիրն ու զոպան թող առնէ եւ ասոնք ողջ թռչունին հետ վազող ջուրին վրայ մորթուած թռչունին արեանը մէջ թող թաթխէ։ Բորոտութենէ բռնուած մարդուն վրայ եօթը անգամ սրսկէ ու մաքրէ զանիկա, իսկ ողջ թռչունը դէպի դաշտը արձակէ։ Եւ մաքրուելիք մարդը իր հանդերձները թող լուայ ու իր բոլոր մազերը ածիլէ եւ ջրով լուացուի ու մաքրուի։ Անկէ յետոյ բանակը թող մտնէ ու եօթը օր իր վրանէն դուրս կենայ։ Եւ եօթներորդ օրը իր բոլոր մազերը ածիլէ, իր գլուխն ու մօրուքը եւ յօնքերը, այսինքն իր բոլոր մազերը, ածիլէ եւ իր լաթերը լուայ ու իր մարմինը ջրով լուայ ու մաքրուի։

10 Ութերորդ օրը երկու անարատ արու գառ ու մէկ տարեկան մէկ անարատ էգ գառ եւ հացի ընծայի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր ու մէկ ճաշակ իւղ թող առնէ։ 11 Եւ մաքրող քահանան մաքրուելիք մարդը ասոնցմով Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը կեցնէ։ 12 Եւ քահանան արու գառին մէկը թող առնէ ու մօտեցնէ յանցանքի պատարագի համար ու իւղին ճաշակը առնէ եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ երերցնելու ընծայ թող ընէ։ 13 Գառը պիտի մորթէ մեղքի պատարագին ու ողջակէզին մորթուած տեղը, սուրբ տեղը պիտի մորթէ. վասն զի յանցանքի պատարագը մեղքի պատարագին պէս քահանայինն է։ Ասիկա ամենասուրբ է։ 14 Եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու քահանան մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ ու անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն։ 15 Եւ քահանան իւղին ճաշակէն քիչ մը իւղ թող առնէ ու իր ձախ ձեռքին մէջ թափէ։ 16 Քահանան աջ մատը իր ձախ ձեռքը եղած իւղին մէջ թող թաթխէ ու իր մատովը Տէրոջը առջեւ եօթը անգամ սրսկէ այն իւղէն։ 17 Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ յանցանքի պատարագի արիւնին վրայ թող դնէ։ 18 Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղը մաքրուելիք մարդուն գլխուն վրայ թող դնէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ Տէրոջը առջեւ։ 19 Ետքը քահանան մեղքի պատարագը պէտք է մատուցանէ եւ իր անմաքրութենէն մաքրուելիք մարդուն համար քաւութիւն ընէ ու անկէ յետոյ ողջակէզը մորթէ։ 20 Քահանան ողջակէզն ու հացի ընծան սեղանին վրայ պէտք է մատուցանէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ եւ անիկա պիտի մաքրուի։

21 Բայց եթէ անիկա աղքատ ըլլայ ու այսչափ կարողութիւն չունենայ, այն ատեն անոր քաւութիւն ընելու համար երերցնելու յանցանքի պատարագի գառնուկ մը եւ հացի ընծայի համար իւղով շաղուած տասնորդ մը բարակ ալիւր ու ճաշակ մը իւղ թող առնէ 22 Եւ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ՝ ողջակէզ ըլլայ։ 23 Ութերորդ օրը իր մաքրուելուն համար զանոնք քահանային թող բերէ վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը առջեւ։ 24 Քահանան թող առնէ յանցանքի պատարագին գառնուկն ու իւղին ճաշակը եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ որպէս երերցնելու ընծայ մատուցանէ։ 25 Յանցանքի պատարագին գառնուկը պիտի մորթէ եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ, անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն։ 26 Քահանան մաս մը իւղ իր ձախ ձեռքին մէջ թող թափէ։ 27 Եւ քահանան իր աջ մատովը իր ձախ ձեռքին մէջ եղած իւղէն Տէրոջը առջեւ եօթը անգամ թող սրսկէ։ 28 Եւ քահանան իր ձախ ձեռքին մէջ եղած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ՝ յանցանքի պատարագին արիւնը եղած տեղին վրայ թող քսէ։ 29 Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղը մաքրուելիք մարդուն գլխուն վրայ թող դնէ՝ Տէրոջը առջեւ անոր համար քաւութիւն ընելով։ 30 Եւ տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն մէկը՝ որն որ գտնէ՝ 31 Այսինքն որու որ իր ձեռքը հասնի, մէկը՝ մեղքի պատարագի համար եւ միւսը՝ ողջակէզի համար հացի ընծային հետ մէկտեղ թող մատուցանէ եւ քահանան մաքրուելիք մարդուն համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ։ 32 Բորոտութեան ախտ ունեցողին ու իր մաքրուելուն համար կարողութիւն չունեցողին օրէնքը այս է»։

ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԲՈՐՈՏՈՒԹԻՒՆ

33 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 34 «Երբ մտնէք Քանանի երկիրը՝ որ ձեզի իբր ստացուածք պիտի տամ, եթէ ձեր ստացուածքը եղած երկրին մէկ տանը մէջ բորոտութեան հարուածը տալու ըլլամ, 35 Այն տանը տէրը պէտք է գայ ու իմացնէ քահանային՝ ըսելով. ‘Ինծի կ’երեւայ թէ տանս մէջ ախտ կայ’։ 36 Քահանան պիտի հրամայէ որ տունը պարպեն, դեռ ինք քննելու համար ներս չմտած, որպէս զի տանը մէջ եղած բաներէն մէ՛կը անմաքուր չըլլայ ու անկէ ետք քահանան տունը քննելու պիտի մտնէ 37 Եւ ախտին նշաններուն պիտի նայի ու եթէ ախտը տանը պատերուն վրայ քիչ մը կանանչացած կամ կարմրած փոս տեղեր ըրեր է ու անոնք պատերէն ներս խորունկ կ’երեւնան, 38 Այն ատեն քահանան տունէն թող ելլէ ու տանը դուռը եօթը օր թող գոցէ։ 39 Եօթներորդ օրը քահանան նորէն պէտք է գայ ու նայի եւ եթէ ախտը տանը պատերուն վրայ տարածուած է, 40 Այն ատեն քահանան պիտի հրամայէ, որ ախտացեալ քարերը հանեն եւ քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը նետեն զանոնք։ 41 Տանը ներսը ամբողջութեամբ քերել թող տայ ու անոնց քերած հողը քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը թող թափեն։ 42 Եւ ուրիշ քարեր առնեն ու հին քարերուն տեղը դնեն եւ ուրիշ հող առնեն ու տունը ծեփեն։ 43 Եւ եթէ քարերը հանելէն ետքը ու տունը քերելէ ծեփելէ ետքը ախտը նորէն գայ ու տանը մէջ երեւան ելլէ, 44 Այն ատեն քահանան թող գայ ու քննէ եւ եթէ ախտը տանը մէջ տարածուած է, տանը մէջ բորբոքած բորոտութիւն կայ. անմաքուր է այն։ 45 Ուստի տունը, այսինքն անոր քարերն ու փայտերը ու տանը բոլոր ծեփուած հողը, փլցնէ եւ քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը թափէ։ 46 Եւ ով որ այն տունը մտնէ անոր բոլոր գոցուած օրերը, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի 47 Եւ այն տունը պառկողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու այն տանը մէջ հաց ուտողը իր հանդերձները պիտի լուայ։ 48 Եւ եթէ քահանան գայ ու քննէ որ տունը ծեփուելէն ետքը ախտը անոր մէջ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան այն տանը մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ, վասն զի ախտը բժշկուած է։ 49 Տանը մաքրութեանը համար երկու թռչուն ու եղեւնափայտ եւ կրկնակի կարմիր ու զոպայ թող առնէ։ 50 Եւ թռչունին մէկը հողէ ամանի մը մէջ թող մորթէ՝ կենդանի ջուրի վրայ։ 51 Եւ եղեւնափայտն ու զոպան եւ կրկնակի կարմիրն ու ողջ թռչունը թող առնէ ու զանոնք մորթուած թռչունին արեանը եւ այն կենդանի ջուրին մէջ թաթխէ ու եօթը անգամ տանը վրայ սրսկէ 52 Եւ թռչունին արիւնովը ու այն կենդանի ջրով եւ այն ողջ թռչունով ու եղեւնափայտով եւ զոպայով ու կրկնակի կարմիրով թող մաքրէ տունը։ 53 Ողջ թռչունը քաղաքէն դուրս դէպի դաշտը թող արձակէ ու տանը համար քաւութիւն ընէ եւ պիտի մաքրուի ան։

54 Բոլոր բորոտութեան ախտին ու գոնջութեան 55 Եւ հանդերձի կամ տան բորոտութեան 56 Եւ ուռեցքի ու քոսի եւ պաղպաջի օրէնքը այս է։ 57 Բանի մը անմաքուր ըլլալը եւ կամ անոր մաքրուիլը սորվեցնելու համար՝ բորոտութեան օրէնքը այս է»։

ՄԱՐՄՆԱԿԱՆ ԱՆՄԱՔՐՈՒԹԵՆԷ ԾՈՐՈՒՄԸ

15 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ք անոնց, Երբ մարդու մը մարմնէն ծորում ըլլայ, այդ ծորումը անմաքուր է։ Եւ իր ծորումին համար իր անմաքրութեան օրէնքը այս է. եթէ իր մարմնէն իր ծորումը վազէ, կամ իր մարմինը իր ծորումէն գոցուի, այս է իր անմաքրութիւնը։ Ամէն անկողին՝ որուն վրայ ծորում ունեցողը կը պառկի՝ անմաքուր եւ ամէն բան՝ որուն վրայ անիկա կը նստի՝ անմաքուր թող սեպուի։ Եւ անոր անկողնին դպչող մարդը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Եւ ծորում ունեցողին նստած բանին վրայ նստողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Եւ ծորում ունեցողին մարմնին դպչողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Եթէ ծորում ունեցողը մաքուր մարդու մը վրայ թքնելու ըլլայ, մաքուր մարդը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Եւ ամէն թամբ, որուն վրայ ծորում ունեցողը կը հեծնէ, անմաքուր պիտի սեպուի։ 10 Եւ ամէն անոր տակ եղած բանին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի ու զանոնք վերցնողը իր հանդերձները պէտք է լուայ եւ ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ 11 Եւ ծորում ունեցողը իր ձեռքը ջուրը չխոթած՝ որու որ դպչելու ըլլայ, անիկա իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 12 Եւ ծորում ունեցողին դպած հողէ ամանը պէտք է կոտրուի ու ամէն փայտէ աման ջուրը խոթուի։

13 Երբ ծորում ունեցողը իր ծորումէն մաքրուի, իր մաքրուելուն համար եօթը օր պիտի համրէ եւ իր հանդերձները լուայ ու իր մարմինը վազող ջուրի մէջ լուայ, որ մաքուր ըլլայ։ 14 Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է առնէ իրեն ու Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը գայ եւ զանոնք քահանային տայ։ 15 Եւ քահանան անոնցմէ մէկը՝ մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ։ Քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն ընէ անոր իր ծորումին համար։

16 Եթէ մարդու մը զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելլելու ըլլայ, իր բոլոր մարմինը ջրով պէտք է լուայ, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ 17 Եւ ամէն հանդերձ ու ամէն մորթ՝ որուն վրայ զուգաւորութեան սերմ կայ, ջրով պէտք է լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ 18 Երբ մարդ մը կնոջը հետ զուգաւորուելու համար պառկի, անոնք երկուքն ալ ջրով պէտք է լուացուին, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուին։

19 Եթէ կին մը ծորում ունենայ ու անոր մարմնին ծորումը արիւն է, եօթը օր զատուած պէտք է կենայ եւ ամէն օր անոր դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 20 Անոր զատուած ատենը ինչ բանի վրայ, որ պառկի, այն բանը անմաքուր պիտի սեպուի եւ ի՛նչ բանի վրայ որ նստի, այն բանը անմաքուր պիտի սեպուի։ 21 Անոր անկողնին դպչող ամէն մարդ իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 22 Ով որ դպչի բանի մը, որուն վրայ անիկա նստաւ, իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 23 Եւ անոր անկողնին դպչողը կամ բանի մը որուն վրայ անիկա կը նստի, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 24 Եւ եթէ մարդ մը անոր հետ պառկի, այնպէս որ անոր պղծութիւնը իրեն դպչի, այն մարդը եօթը օր անմաքուր պիտի սեպուի եւ ամէն անկողին, որուն վրայ անիկա պառկի՝ անմաքուր պիտի սեպուի։

25 Կին մը՝ եթէ դաշտանին ատենը չեկած, իր արեանը ծորումը շատ օրեր վազէ կամ իր դաշտանէն աւելի վազելու ըլլայ, իր անմաքրութեանը ծորումին բոլոր օրերը իր դաշտանին օրերուն պէս պէտք է ըլլայ. անիկա անմաքուր է։ 26 Անոր ծորումին բոլոր օրերը ամէն անկողին, որուն վրայ անիկա կը պառկի, իր դաշտանին անկողնին պէս պէտք է ըլլայ իրեն եւ ինչ բանի վրայ որ նստի, իր դաշտանին անմաքրութեանը պէս անմաքուր ըլլայ։ 27 Եւ ամէն անոնց դպչողը անմաքուր ըլլայ ու իր հանդերձները պէտք է լուայ եւ ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ 28 Եւ եթէ իր ծորումէն մաքրուի, այն ատեն եօթը օր պիտի համրէ ու անկէ յետոյ մաքուր ըլլայ։ 29 Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ իրեն ու վկայութեան խորանին դուռը քահանային բերէ զանոնք։ 30 Եւ քահանան մէկը որպէս մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ եւ քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն թող ընէ անոր իր անմաքրութեանը ծորումին համար։

31 Այսպէս Իսրայէլի որդիները իրենց անմաքրութենէն պիտի զգուշացնէք. որպէս զի իրենց մէջ եղած իմ խորանս պղծելով՝ իրենց անմաքրութեան պատճառաւ չմեռնին։ 32 Ծորում ունեցողին եւ իրմէ զուգաւորութեան սերմը ելլելով անմաքուր եղողին 33 Ու իր դաշտանով հիւանդ եղող կնոջ եւ ծորում ունեցող մարդուն կամ կնոջ ու անմաքուր կնոջ հետ պառկող մարդուն օրէնքը այս է»։

ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

16 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ Ահարոնին երկու որդիներուն մեռնելէն ետքը, որոնք Տէրոջը առջեւ մօտեցան ու մեռան։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Խօսէ՛ քու եղբօրդ Ահարոնին, որ ամէն ատեն սուրբ տեղը, վարագոյրին ներսիդին, տապանակին վրայ եղած քաւութեան առջեւ չմտնէ, որպէս զի չմեռնի. վասն զի ամպի մէջ պիտի երեւնամ քաւութեան վրայ։ Ահարոն այս բաներով պէտք է մտնէ սրբարանը. մեղքի պատարագի համար՝ զուարակով մը եւ ողջակէզի համար խոյով մը։ Կտաւէ սուրբ շապիկ պիտի հագնի եւ իր մարմնին վրայէն՝ կտաւէ վարտիք ու իր մէջքը կտաւէ գօտի կապէ եւ իր գլուխը կտաւէ խոյր դնէ։ Ասոնք սուրբ զգեստներ են. ուստի իր մարմինը ջրով թող լուայ, ապա զանոնք հագնի։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդէն մեղքի պատարագի համար այծերէն երկու նոխազ ու ողջակէզի համար մէկ խոյ պէտք է առնէ։ Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պէտք է մատուցանէ եւ իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն ընէ։ Երկու նոխազ պիտի առնէ ու Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը կեցնէ։ Ահարոն այդ երկու նոխազներուն վրայ վիճակ թող ձգէ. մէկ վիճակը՝ Տէրոջը համար ու միւս վիճակը՝ ազատ արձակուելիք նոխազին համար։ Ահարոն թող մօտեցնէ այն նոխազը, որուն վրայ Տէրոջը վիճակը ելաւ ու մեղքի պատարագ ընէ զանիկա։ 10 Այն նոխազը, որուն վրայ ազատ արձակուելու վիճակը ելաւ, Տէրոջը առջեւ ողջ թող կեցնէ՝ որպէս զի անով քաւութիւն ընէ ու ազատ արձակելու համար դէպի անապատը ղրկէ։

11 Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պէտք է մատուցանէ եւ իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն ընէ եւ իր մեղքի պատարագին զուարակը մորթէ։ 12 Եւ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին վրայէն բուրվառը լեցուն կրակի կայծեր թող առնէ ու բարակ ծեծուած անուշահոտ խունկէն իր ձեռքերը լեցնէ ու վարագոյրէն ներս բերէ։ 13 Խունկը կրակին վրայ թող դնէ Տէրոջը առջեւ ու խունկին մուխը վկայութեան վրայի քաւութիւնը պէտք է ծածկէ, որպէս զի չմեռնի։ 14 Եւ զուարակին արիւնէն թող առնէ ու իր մատով քաւութեան վրայ արեւելեան կողմը սրսկէ եւ իր մատով արիւնէն քաւութեան առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։

15 Ապա ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըլլալու նոխազը թող մորթէ ու անոր արիւնը վարագոյրէն ներս բերէ եւ ինչպէս զուարակին արիւնովը ըրաւ այնպէս ընէ ասոր արիւնովը, այսինքն քաւութեան վրայ ու քաւութեան առջեւ սրսկէ զայն։ 16 Եւ սրբարանին համար քաւութիւն թող ընէ՝ Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն ու անոնց բոլոր մեղքերուն յանցանքներէն սրբելով զանիկա. այսպէս պէտք է ընէ վկայութեան խորանին համար ալ, որ անոնց հետ ու անոնց անմաքրութիւններուն մէջ կը կենայ։ 17 Եւ սրբարանը քաւութիւն ընելու մտած ատեն, մինչեւ որ իրեն համար ու իր տանը համար եւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ ու դուրս ելլէ, վկայութեան խորանին մէջ մարդ մը պէտք չէ ըլլայ։ 18 Ետքը Տէրոջը առջեւ եղած խորանէն դուրս ելլէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ եւ զուարակին արիւնէն ու նոխազին արիւնէն առնէ եւ սեղանին եղջիւրներուն վրայ շուրջանակի դնէ։ 19 Եւ արիւնէն իր մատով եօթը անգամ անոր վրայ պէտք է սրսկէ ու Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն մաքրէ ու սուրբ ընէ զայն։

ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆՈԽԱԶԸ

20 Եւ սրբարանին ու վկայութեան խորանին եւ սեղանին համար քաւութիւն ընելը լմնցնելէն ետքը, ողջ նոխազը պէտք է մօտեցնէ 21 Եւ Ահարոն իր երկու ձեռքերը ողջ նոխազին գլխուն վրայ թող դնէ ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անօրէնութիւնները եւ անոնց բոլոր յանցանքները եւ բոլոր մեղքերը թող խոստովանի անոր վրայ եւ զանոնք նոխազին գլխուն վրայ դնելով՝ յարմար մարդու մը ձեռքով անապատը ղրկէ։ 22 Նոխազը անոնց բոլոր անօրէնութիւնները իր վրայ առած՝ անբնակ երկիր մը թող տարուի եւ մարդը անապատին մէջ թող արձակէ նոխազը։

23 Ահարոն վկայութեան խորանը թող մտնէ ու սրբարանը մտնելու ժամանակ հագած կտաւէ հանդերձները հանէ եւ զանոնք հոն դնէ։ 24 Եւ սուրբ տեղը իր մարմինը ջրով թող լուայ ու իր հանդերձները հագնի եւ ելլէ իր ողջակէզը ու ժողովուրդին ողջակէզը մատուցանէ ու իրեն համար եւ ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։ 25 Եւ մեղքի պատարագին ճարպը սեղանին վրայ թող այրէ։

26 Եւ ան որ նոխազը արձակելու տարաւ, իր հանդերձները թող լուայ ու իր մարմինը ջրով լուայ, ապա բանակը մտնէ։

27 Եւ այն մեղքին պատարագին զուարակը ու մեղքին պատարագին նոխազը, որոնց արիւնը քաւութիւն ընելու համար սուրբ տեղը բերուեցան, բանակէն դուրս թող հանեն եւ անոնց մորթերն ու անոնց միսերը եւ անոնց աղբը կրակով այրեն։ 28 Զանոնք այրողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու մարմինը ջրով լուայ, ապա բանակը մտնէ։

ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ

29 Եւ այս ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ, որ եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասներորդ օրը ձեր անձերը պէտք է խոնարհեցնէք ու բնաւ գործ մը չգործէք, թէ՛ բնիկը եւ թէ՛ ձեր մէջ գտնուող օտարականը։ 30 Քանզի այն օրը քահանան ձեզի քաւութիւն պիտի կատարէ ձեզ մաքրելու համար, որպէս զի ձեր բոլոր մեղքերէն մաքրուիք Տէրոջը առջեւ։ 31 Այն՝ ձեզի հանգստութեան շաբաթ պիտի ըլլայ եւ յաւիտենական կանոնով մը պիտի խոնարհեցնէք ձեր անձերը։ 32 Եւ իր հօրը տեղը քահանայութիւն ընելու համար օծուած ու օրհնուած քահանան քաւութիւն պիտի ընէ եւ հագնի կտաւէ հանդերձներ, այսինքն սուրբ հանդերձներ 33 Եւ սուրբ տեղին համար քաւութիւն պիտի ընէ եւ վկայութեան խորանին համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընէ եւ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։ 34 Եւ ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն համար իրենց բոլոր մեղքերուն քաւութիւն ընելու՝ տարին անգամ մը»։ Եւ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ։

ԱՐԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԸԼԼԱԼԸ

17 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. Այս բանն է, որ Տէրը պատուիրեց, ըսելով. Իսրայէլի տունէն ով որ արջառ մը կամ ոչխար մը եւ կամ այծ մը բանակին մէջ մորթէ, կամ բանակէն դուրս մորթէ Եւ Տէրոջը խորանին առջեւ Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար վկայութեան խորանին առջեւ չբերէ, արիւնապարտութիւն պիտի սեպուի այն մարդուն. անիկա արիւն թափած է ու այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, Որպէս զի Իսրայէլի որդիները այն զոհերը որոնք հիմա դաշտի մէջ կը մորթեն, Տէրոջը բերեն, այսինքն վկայութեան խորանին դուռը՝ քահանային բերեն եւ խաղաղութեան զոհերու համար զանոնք Տէրոջը զոհեն։ Եւ քահանան պէտք է սրսկէ արիւնը վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը սեղանին վրայ ու ճարպը անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը առջեւ։ Եւ իրենց զոհերը ա՛լ թող չզոհեն դեւերուն, որոնց ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրին։ Ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն պէտք է ըլլայ իրենց սերունդին մէջ։

Եւ ըսէ՛ անոնց, Եթէ Իսրայէլի տունէն մէկը կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ողջակէզ կամ զոհ մատուցանելու ըլլայ Եւ զանիկա Տէրոջը մատուցանելու համար վկայութեան խորանին դուռը չբերէ, այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի։

10 Եթէ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ոեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ. 11 Վասն զի մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է։ 12 Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Ձեզմէ մէ՛կը արիւն չուտէ. ձեր մէջ պանդխտացած օտարականն ալ արիւն չուտէ’։ 13 Եթէ Իսրայէլի որդիներէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականէն մէկը ուտուելու անասուն կամ թռչուն մը որսալու ըլլայ, անոր արիւնը պէտք է թափէ ու հողով ծածկէ զայն։ 14 Վասն զի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է։ Անիկա է բուն կենդանութիւնը, ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Բնաւ մարմնի մը արիւնը չուտէք’, քանզի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է. ով որ ուտէ՝ պէտք է կորսուի։ 15 Եւ բնիկներէն կամ օտարականներէն՝ դիակ կամ գիշատուած ուտող ոեւէ մարդ իր լաթերը պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ ու ետքը մաքուր սեպուի. 16 Բայց եթէ չլուայ զանոնք եւ իր մարմինը չլուայ, այն ատեն իր անօրէնութիւնը պէտք է կրէ»։

ԱՊՕՐԻՆԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԵԼՔ

18 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը։ Մի՛ ընէք այնպէս, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ կ’ընէին, ուր ժամանակ մը կ’ապրէիք, ո՛չ ալ ինչպէս Քանանի երկրին մէջ կ’ընեն, ուր ձեզ պիտի տանիմ, մի՛ ընէք ու անոնց կանոններուն համեմատ մի՛ քալէք։ Իմ պատուիրանքներս կատարեցէ՛ք եւ իմ կանոններս պահեցէք, որպէս զի անոնցմով քալէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։ Ուստի իմ կանոններս ու իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք, որոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի։ Ես եմ Տէրը։

Բնաւ մէկը իր մօտ ազգականին թող չմօտենայ՝ անոր մերկութիւնը բանալու համար։ Ես եմ Տէրը։ Քու հօրդ մերկութիւնը կամ քու մօրդ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու մայրդ է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար. Քու հօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ մերկութիւնն է։ Քու հօրդ աղջկան կամ քու մօրդ աղջկան, քու քրոջդ մերկութիւնը, տանը մէջ ծնած ըլլայ թէ դուրսը, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։ 10 Քու որդիիդ աղջկան կամ քու աղջկանդ աղջկան մերկութիւնը՝ անոնց մերկութիւնը քուկդ է։ 11 Քու հօրդ կնոջ աղջկան մերկութիւնը, քու հօրմէդ ծնած քու քոյրդ ըլլալով, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։ 12 Քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ ազգականն է։ 13 Քու մօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար, վասն զի անիկա քու մօրդ ազգականն է։ 14 Քու հօրդ եղբօր մերկութիւնը մի՛ բանար, անոր կնոջ մի՛ մօտենար. անիկա քու հօրաքոյրդ կը համարուի։ 15 Քու հարսիդ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու որդիիդ կինն է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։ 16 Քու եղբօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու եղբօրդ մերկութիւնն է։ 17 Կնոջ մը ու անոր աղջկան մերկութիւնը մի՛ բանար եւ անոր որդիին աղջիկը կամ անոր աղջկան աղջիկը մի՛ առներ՝ անոնց մերկութիւնը բանալու համար, անոնք անոր ազգականներն են. անօրէնութիւն կ’ըլլայ։ 18 Կին մը իր քրոջ հետ մի՛ առներ զանիկա իր կենդանութեան ատենը վշտացնելու համար՝ միւսին մերկութիւնը բանալով։

19 Իր անմաքրութեանը ատեն զատուած կնոջ մը մի՛ մօտենար՝ անոր մերկութիւնը բանալու։ 20 Եւ զուգաւորութեան համար քու դրացիիդ կնոջը հետ մի՛ պառկիր, անոր հետ պղծուելով։ 21 Քու սերունդէդ Մողոքի համար կրակէ անցընել մի՛ թողուր եւ քու Աստուծոյդ անունը մի՛ պղծեր։ Ես եմ Տէրը։ 22 Եւ արուի հետ՝ կնոջ հետ պառկելու պէս մի՛ պառկիր՝ պղծութիւն է այդ։ 23 Բնաւ անասունի մը հետ մի՛ զուգաւորուիր, անոր հետ պղծուելով ու բնաւ կին մը անասունի առջեւ չկայնի՝ անոր հետ զուգաւորուելու։ Գարշութիւն է այդ։

24 Ասոնցմէ ոեւէ մէկով բնաւ մի՛ պղծուիք, վասն զի ասոնցմով պղծուեցան այն ազգերը, որոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ։ 25 Այն երկրին պղծուելովը՝ անոր անզգամութիւնը պիտի պատժեմ ու այն երկիրը իր բնակիչները պիտի փսխէ։ 26 Ուստի դուք իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու այս պղծութիւններէն մէ՛կն ալ մի՛ ընէք, ո՛չ բնիկը, ո՛չ ալ ձեր մէջ պանդխտացող օտարականը. 27 Որովհետեւ ձեզմէ առաջ եղած այն երկրին մարդիկը այս բոլոր պղծութիւնները ըրին ու այն երկիրը պղծուեցաւ։ 28 Ուրեմն զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ այն երկիրը ձեզ ալ դուրս փսխէ զայն պղծած ատեննիդ, ինչպէս ձեզմէ առաջ եղած ազգերը փսխեց։ 29 Քանզի ով որ այս պղծութիւններէն ոեւէ մէկը ընելու ըլլայ, զայն ընող անձերը իրենց ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուին։ 30 Ուստի իմ հրամաններս պահեցէ՛ք, որպէս զի ձեզմէ առաջ գործուած պիղծ սովորութիւններէն մէ՛կը չընէք ու անոնցմով չպղծուիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։

ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

19 1 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ու ըսէ՛ անոնց. Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ։

Ամէն մարդ իր մայրն ու իր հայրը պէտք է յարգէ եւ իմ շաբաթներս պէտք է պահէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

Կուռքերուն մի՛ դառնաք եւ ձեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շինէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

Եթէ խաղաղութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս մատուցանեցէք, որ ընդունելի ըլլայ։ Զոհը մատուցուած օրը եւ հետեւեալ օրն ալ կրնայ ուտուիլ, իսկ երրորդ օրուան մնացածը կրակով պէտք է այրուի։ Եւ եթէ երրորդ օրը անկէ ուտուելու ըլլայ, անիկա պիղծ է, պիտի չընդունուի։ Եւ զայն ուտողը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ, վասն զի Տէրոջը սուրբ բանը պղծեց, ուստի այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։

Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք՝ արտին եզերքը լման մի՛ հնձէք ու հունձքէն ինկած հասկերը մի՛ հաւաքէք։ 10 Ձեր այգիին ճռաքաղ մի՛ ընէք, այսինքն՝ այգիին մէջ մնացած ողկոյզները մի՛ քաղէք, զանոնք աղքատին ու օտարականին համար թողուցէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

11 Գողութիւն մի՛ ընէք. սուտ մի՛ խօսիք եւ իրար մի՛ խաբէք։ 12 Եւ իմ անունովս սուտ տեղը երդում մի՛ ընէք ու ձեր Աստուծոյն անունը մի՛ պղծէք։ Ես եմ Տէրը։ 13 Քու դրացիիդ զրկանք մի՛ ըներ եւ յափշտակութիւն մի՛ ըներ. վարձքով բանողին օրական վարձքը մէկ գիշեր մինչեւ առտու թող ձեր քով չմնայ։

14 Խուլին մի՛ հայհոյէք ու կոյրին առջեւ խոչընդոտ մի՛ դնէք, հապա ձեր Աստուծմէն վախցէ՛ք։ Ես եմ Տէրը։

15 Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք. ձեր դրացին արդարութիւնով դատեցէ՛ք։

16 Ձեր ժողովուրդին մէջ չարախօսութիւն ընելու մի՛ պտըտիք. ձեր ընկերին արիւնը մի՛ մտնէք. Ես եմ Տէրը։ 17 Եղբայրդ քու սրտիդ մէջ մի՛ ատեր. քու դրացիդ անպատճառ յանդիմանէ՛, որպէս զի անոր համար մեղք չկրես։ 18 Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛։ Ես եմ Տէրը։

19 Իմ կանոններս պահեցէ՛ք. քու անասունիդ մէկ տեսակը ուրիշ տեսակի հետ զուգաւորել մի՛ տար. քու արտիդ մէջ զանազան սերմ մի՛ ցաներ եւ երկու նիւթէ գործուած այլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր։

20 Եթէ մէկը գերի կնոջ մը հետ պառկելով զուգաւորութիւն ընէ ու անիկա մէկու մը նշանուած ըլլայ, բայց դեռ փրկուած չըլլայ, ոչ ալ անոր ազատութիւն տրուած ըլլայ, անոնք պէտք է հարցաքննուին. անոնք պիտի չմեռցուին, վասն զի կինը ազատ չէր։ 21 Բայց մարդը իր յանցանքին պատարագը Տէրոջը թող բերէ վկայութեան խորանին դուռը, խոյ մը յանցանքի պատարագի համար։ 22 Քահանան յանցանքի պատարագին խոյովը Տէրոջը առջեւ քաւութիւն թող ընէ անոր իր ըրած մեղքին համար եւ անոր ըրած մեղքը թող ներուի իրեն։

23 Երբ այն երկիրը մտնէք ու ամէն տեսակ ծառեր տնկէք՝ պտուղը ուտելու համար, այն ատեն անոր պտուղը չթլփատուածի պէս անմաքուր պէտք է սեպէք. անիկա ձեզի երեք տարի չթլփատուածի պէս սեպուելով պէտք չէ ուտուի։ 24 Եւ չորրորդ տարին անոր բոլոր պտուղը Տէրը փառաւորելու համար սուրբ պիտի ըլլայ։ 25 Բայց հինգերորդ տարին անոր պտուղը կրնաք ուտել, որպէս զի իր արդիւնքը ձեզի համար աւելցնէ։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ 26 Միսը արիւնով մի՛ ուտէք. մի՛ հմայէք եւ գուշակութիւն մի՛ ընէք։ 27 Ձեր գլուխներուն եզերքի մազերը մի՛ կտրէք ու ձեր մօրուքին եզերքը մի՛ աւրէք։ 28 Եւ մէկուն սուգին համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ մի՛ ընէք ու ձեր վրայ գրի նշան մի՛ ընէք։ Ես եմ Տէրը։

29 Աղջիկդ պոռնիկ ընելով մի՛ պղծեր, որպէս զի երկիրը պոռնկութեան մէջ չիյնայ ու երկիրը չարութիւնով չլեցուի։

30 Իմ շաբաթներս պահեցէ՛ք ու իմ սրբարանս յարգեցէ՛ք։ Ես եմ Տէրը։ 31 Վհուկներուն մի՛ նայիք եւ հմայողներուն բան մի՛ հարցնէք, որպէս զի անոնցմով չպղծուիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

32 Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ՝ ու քու Աստուծմէդ վախցի՛ր։ Ես եմ Տէրը։

33 Եթէ օտարական մը ձեր երկրին մէջ ձեր քով պանդխտանալու ըլլայ, մի՛ նեղէք զանիկա։ 34 Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

35 Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. կանգունի մէջ, կշիռքի մէջ ու չափի մէջ ալ։ 36 Ձեր կշիռքները լման, ձեր կշիռքի քարերը լման, ձեր արդուն լման ու հիմէնը լման թող ըլլայ։ Ձեզ Եգիպտոսէն հանող Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ես եմ։ 37 Ուստի իմ բոլոր կանոններս ու իմ բոլոր կարգադրութիւններս պահեցէ՛ք եւ կատարեցէ՛ք զանոնք։ Ես եմ Տէրը»։

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻԺՆԵՐԸ

20 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Նաեւ Իսրայէլի որդիներուն ըսէ՛. Իսրայէլի որդիներէն եւ Իսրայէլի մէջ պանդխտացող օտարականներէն ով որ իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տայ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Երկրին ժողովուրդը քարերով թող քարկոծեն զանիկա։ Եւ ես այն մարդուն դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ, վասն զի անիկա իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տուած է՝ իմ սրբարանս պղծելու ու իմ սուրբ անունս անարգելու համար։ Եւ եթէ այն մարդը իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տուած ատենը, երկրին ժողովուրդը չտեսնել ձեւացնելով զանիկա չմեռցնեն, Այն ատեն ես այն մարդուն ու անոր ընտանիքին դէմ պիտի ըլլամ եւ զանիկա ու Մողոքին հետ պոռնկութիւն ընելու համար այն մարդուն ետեւէն բոլոր գացողները իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։

Եթէ մէկը վհուկներուն եւ հմայողներուն դառնայ՝ անոր դէմ ալ պիտի ըլլամ զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ, Ուստի սրբեցէ՛ք ձեր անձերը ու սուրբ եղէ՛ք, քանզի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Իմ կանոններս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք։ Ես եմ Տէրը, որ ձեզ կը սրբեմ։

Ով որ իր հայրը կամ իր մայրը անիծէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի. անիկա իր հայրը կամ իր մայրը անիծեց։ Անոր արիւնը իր վրայ ըլլայ։ 10 Եւ ով որ ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ շնութիւն ընէ, կամ իր դրացիին կնոջ հետ շնութիւն ընողը, անշուշտ պէտք է մեռցուի. շնացողն ալ շնացեալն ալ՝ պէտք է մեռցուին։ 11 Եւ ով որ իր հօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրը մերկութիւնը բացած կ’ըլլայ։ Անշուշտ երկուքն ալ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։ 12 Եւ եթէ մարդ մը իր հարսին հետ պառկի, անշուշտ երկուքն ալ պէտք է մեռցուին։ Գարշելի գործ ըրին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։ 13 Եւ եթէ մարդ մը իր կնոջ հետ պառկելու պէս արուի հետ պառկի, երկուքն ալ պղծութիւն ըրին. անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։ 14 Եւ եթէ մարդ մը՝ կին մը ու անոր մայրը առնէ, անօրէնութիւն կ’ընէ։ Մարդն ալ, կիներն ալ կրակով պէտք է այրուին, որպէս զի ձեր մէջ անօրէնութիւն չըլլայ։ 15 Եւ եթէ մարդ մը անասունի հետ պառկի, անշուշտ պէտք է մեռցուի ու անասունն ալ պէտք է սպաննէք։ 16 Եւ եթէ կին մը որեւիցէ անասունի հետ զուգաւորուելու համար անոր մօտենայ, կինն ալ, անասունն ալ պէտք է սպաննուին։ Անոնք անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։ 17 Եւ եթէ մարդ մը իր քոյրը առնէ, իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը ու անոր մերկութիւնը տեսնէ ու աղջիկն ալ անոր մերկութիւնը տեսնէ, չարութիւն կ’ըլլայ. անոնք իրենց ժողովուրդին աչքին առջեւ պէտք է կորսուին։ Անիկա իր քրոջ մերկութիւնը բացաւ. իր անօրէնութեան պատիժը պէտք է կրէ։ 18 Եւ եթէ մարդ մը իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ մը հետ պառկի ու անոր մերկութիւնը բանայ, ինք անոր աղբիւրը բացաւ, կինն ալ իր արեան աղբիւրը բացաւ. երկուքն ալ իրենց ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուին։ 19 Քու մօրդ քրոջ կամ քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը չբանաս. վասն զի եթէ մէկը իր ազգականին մերկութիւնը բանալու ըլլայ, երկուքն ալ իրենց անօրէնութեան պատիժը պէտք է կրեն։ 20 Եւ եթէ մարդ մը իր հօրեղբօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրեղբօր մերկութիւնը բացած կ’ըլլայ։ Անոնք իրենց մեղքին պատիժը պիտի կրեն եւ անզաւակ մեռնին։ 21 Եւ եթէ մարդ մը իր եղբօրը կինը առնէ, պղծութիւն է ան։ Անիկա իր եղբօրը մերկութիւնը կը բանայ։ Անզաւակ պիտի ըլլան։

22 Ուստի իմ բոլոր կանոններս եւ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք, որպէս զի այն երկիրը, ուր ձեզ պիտի տանիմ բնակելու, դուրս չփսխէ ձեզ։ 23 Մի՛ քալէք այն ազգերուն սովորութիւններովը, որոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ. քանզի այս ամէն բաները ըրին անոնք ու ես զզուեցայ անոնցմէ 24 Եւ ըսի ձեզի. ‘Անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք ու ես զանիկա ձեզի պիտի տամ իբր ստացուածք, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի’։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ բոլոր ազգերէն զատեցի ձեզ։ 25 Ուստի մաքուր ու անմաքուր անասուններուն մէջտեղ եւ մաքուր ու անմաքուր թռչուններուն մէջտեղ տարբերութիւն պէտք է դնէք եւ ձեր անձերը մի՛ պղծէք անասուններով կամ թռչուններով կամ գետնի վրայի ոեւէ սողունով, որոնք ե՛ս զատեցի ձեզի իբրեւ անմաքուր։ 26 Եւ դուք սուրբ պիտի ըլլաք ինծի. քանզի ես՝ Տէրս՝ սուրբ եմ ու ձեզ միւս ազգերէն զատեցի, որպէս զի իմս ըլլաք։

27 Վհուկ կամ հմայող եղողը, թէ՛ այր ըլլայ թէ՛ կին, անշուշտ պէտք է մեռցուի. քարերով թող քարկոծեն զանոնք։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ»։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ

21 1 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Խօսէ՛ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ ու ըսէ անոնց. Քահանայ մը մէկուն մահուանը համար թող անմաքուր չըլլայ իր ժողովուրդին մէջ. Բայց միայն իր մօտ ազգականին համար, այսինքն իր մօրն ու հօրը եւ իր որդիին ու իր աղջկան եւ իր եղբօրը համար Եւ իր կոյս քրոջ համար, որ մօտն է ու էրկան տրուած չէ, կրնայ անմաքուր ըլլալ։ Անիկա իր ժողովուրդին մէջ գլխաւոր մարդ ըլլալով, անմաքուր թող չըլլայ՝ ինքզինք պղծելով։ Անոնք գլուխնին փետտելով թող կնտակ չըլլան եւ իրենց մօրուքին եզերքը չածիլեն ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ չընեն։ Սուրբ թող ըլլան իրենց Աստուծոյն եւ իրենց Աստուծոյն անունը թող չպղծեն, վասն զի Տէրոջը պատարագներն ու իրենց Աստուծոյն հացը իրենք կը մատուցանեն. ուստի սուրբ պէտք է ըլլան։ Պոռնիկ կամ պղծուած կին թող չառնեն եւ իր այրէն արձակուած կին մը չառնեն. վասն զի քահանան սուրբ է իր Աստուծոյն։ Ուստի սրբէ՛ զանիկա, վասն զի քու Աստուծոյդ հացը ան կը մատուցանէ. ան սուրբ ըլլայ քեզի, քանզի ես Տէրս, որ ձեզ կը սրբեմ, սուրբ եմ։ Եւ եթէ քահանայի մը աղջիկը պոռնկութիւն ընելով պղծուելու ըլլայ, իր հայրը պղծուած կ’ըլլայ. անիկա կրակով պէտք է այրուի։

10 Իր եղբայրներէն մեծ եղող քահանան, որուն գլխուն վրայ օծման իւղը թափուած է ու օրհնուած է զգեստներ հագնելու, իր գլուխը պէտք չէ բանայ եւ իր լաթերը պէտք չէ պատռէ 11 Եւ մեռած մարդու մը քով պէտք չէ երթայ, ո՛չ ալ իր հօրը կամ իր մօրը համար անմաքուր ըլլայ։ 12 Եւ սրբարանէն դուրս պէտք չէ ելլէ ու իր Աստուծոյն սրբարանը պէտք չէ պղծէ, վասն զի իր Աստուծոյն օծման իւղին պսակը իր վրայ է։ Ես եմ Տէրը։ 13 Եւ անիկա կոյս մը կնութեան պէտք է առնէ։ 14 Որբեւայրի կամ արձակուած կամ պղծուած կամ բոզ պէտք չէ առնէ. հապա իր ժողովուրդէն կոյս մը առնելու է իբր կին, 15 Որպէս զի իր սերմը չպղծէ իր ժողովուրդին մէջ, վասն զի ես եմ Տէրը, որ կը սրբեմ զանիկա»։

16 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 17 «Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ. Քու սերունդէդ իրենց ազգերուն մէջ ով որ իր վրայ արատ մը ունենայ, թող չմօտենայ Աստուծոյն հացը մատուցանելու. 18 Վասն զի արատ ունեցող մարդ մը բնաւ պէտք չէ մօտենայ. կոյր մարդը, կաղը, կամ կարճունչը, կամ իր անդամներուն մէջ աւելորդ բան մը ունեցողը, 19 Կամ ոտքը կոտրած, կամ ձեռքը կոտրած մարդը, 20 Կամ սապատողը, կամ թզուկը, կամ իր աչքին մէջ բիծ ունեցողը, կամ քոսոտը, կամ որքիւնոտը, կամ փոշտանկը. 21 Ահարոն քահանային սերունդէն արատ մը ունեցող մարդը Տէրոջը պատարագները մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ, քանզի արատաւոր ըլլալով՝ իր Աստուծոյն հացը մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ։ 22 Անիկա իր Աստուծոյն հացը պիտի ուտէ, թէ՛ սրբութիւն սրբութեանց բաներէն եւ թէ՛ սուրբ բաներէն. 23 Միայն վարագոյրին կամ սեղանին պէտք չէ մօտենայ, վասն զի արատ ունի, որ իմ սուրբ բաներս չպղծէ, քանզի զանոնք սրբող Տէրը՝ ես եմ»։ 24 Եւ Մովսէս խօսեցաւ այս բաները Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն։

ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ

22 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ որ Իսրայէլի որդիներուն մատուցուած սուրբ բաներէն զգոյշ կենան եւ իմ սուրբ անունս չպղծեն այն բաներով, որոնք ինծի կը նուիրեն։ Ես եմ Տէրը։ Ըսէ՛ անոնց. Ձեր բոլոր սերունդէն ձեր ազգերուն մէջ՝ ով որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով մօտենայ այն սուրբ բաներուն, որոնք Իսրայէլի որդիները կը նուիրեն Տէրոջը, այն անձը իմ առջեւէս պէտք է կորսուի։ Ես եմ Տէրը։ Ով որ Ահարոնի ցեղէն բորոտ ըլլայ, կամ ծորում ունենայ, սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ մինչեւ իր մաքրուիլը եւ ով որ մեռելէ պղծուած բանի մը դպչի կամ մարդ մը, որուն զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելած է, Կամ ով որ դպչի ոեւէ սողունի մը որով կրնայ անմաքուր ըլլալ, կամ մարդու մը որմէ կրնայ անմաքուր ըլլալ, ոեւէ անմաքրութիւն որ անիկա կրնայ ունենալ, Ասոնց դպչող մարդը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պէտք է սեպուի եւ սուրբ բաներէն չուտէ, հապա իր մարմինը ջրով լուայ։ Բայց երբ արեգակը մարը մտնէ, մաքուր պէտք է սեպուի ու ետքը սուրբ բաներէն ուտէ, վասն զի անիկա իր հացն է։ Անիկա մեռած մը կամ գազանէ պատառուած մը պէտք չէ ուտէ, որպէս զի անով չպղծուի։ Ես եմ Տէրը։ Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահեն, որպէս զի անոր համար մեղք չգործեն ու զայն պղծելնուն համար չմեռնին։ Ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ։

10 Ոեւէ օտարական սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ. քահանային հիւրը կամ վարձկանն ալ սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ։ 11 Բայց քահանային իր ստակով ծախու առած անձը ու իր տունը ծնածը անկէ կրնան ուտել։ Անոնք իր կերակուրէն կրնան ուտել։ 12 Եթէ քահանային աղջիկը օտարականի մը հետ ամուսնանայ, անիկա նուիրուած սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ։ 13 Բայց եթէ քահանային աղջիկը որբեւայրի կամ արձակուած ըլլայ ու զաւակ չունենայ եւ իր հօրը տունը դարձած ըլլայ, այն ատեն իր աղջկութեան ժամանակին պէս իր հօրը հացէն կրնայ ուտել, սակայն օտարական մը անկէ բնաւ պէտք չէ ուտէ։

14 Եթէ մարդ մը չգիտնալով սուրբ բանէ մը ուտէ, անոր վրայ արժէքին մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ ու սուրբ բանովը մէկտեղ քահանային տայ. 15 Քահանան Իսրայէլի որդիներուն Տէրոջը մատուցուած սուրբ բաները պէտք չէ պղծէ 16 Ու իրենց սուրբ բաները ուտելով՝ յանցանքի անօրէնութիւնը իրենց վրայ պէտք չէ բերեն, վասն զի ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ»։

17 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 18 «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ բնակող օտարականներէն մէկը իր զոհը ներկայացնէ որպէս ուխտի հատուցում կամ իբր կամաւոր ընծայ, որ Աստուծոյ մատուցուի որպէս ողջակէզ, 19 Պէտք է արու եւ անարատ արջառ մը, ոչխար մը կամ այծ մը ըլլայ, որպէս զի ընդունելի ըլլայ։ 20 Արատ ունեցող մը բնաւ մի՛ մատուցանէք, վասն զի ընդունելի չ’ըլլար։ 21 Եւ ուխտ կատարելու համար կամ կամաւոր ընծայի համար, ով որ արջառներէն կամ ոչխարներէն Տէրոջը խաղաղութեան զոհ մատուցանելու ըլլայ, մատուցուածը անարատ պէտք է ըլլայ, որպէս զի ընդունուի. բնաւ արատ մը պէտք չէ ըլլայ անոր վրայ։ 22 Կոյր կամ մէկ կողմը կոտրած կամ կտրուած կամ խաղաւարտ ունեցող կամ քոսոտ կամ որքիւնոտ եղածներէն Տէրոջը պէտք չէ մատուցանէք, ոչ ալ ասոնցմէ Տէրոջը պատարագի համար սեղանին վրայ պէտք է դնէք։ 23 Բայց անդամներուն մէջ աւելորդ մաս մը կամ պակասութիւն ունեցող զուարակը կամ ոչխարը կամաւոր ընծայի համար կրնաք մատուցանել, սակայն ուխտի համար պիտի չընդունուի այն։ 24 Ամորձիքը ճմլուածը կամ ճզմուածը կամ փրցուածը կամ կտրուածը մի՛ մատուցանէք Տէրոջը եւ ձեր երկրին մէջ մի՛ ընէք այս բաները։ 25 Եւ օտարականի մը ձեռքէն ալ՝ ասոնցմէ ոեւէ մէկը ձեր Աստուծոյն պատարագ մի՛ մատուցանէք, վասն զի անոնց մէջ խեղութիւն ու արատ կայ։ Անոնք ընդունելի պիտի չըլլան»։

26 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 27 «Երբ զուարակ կամ ոչխար կամ այծ ծնի, եօթը օր իր մօրը քով թող մնայ եւ ութերորդ օրը ու անկէ յետոյ Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ պատարագի ընծայի համար։ 28 Եւ կովը կամ ոչխարը իր ձագով մէկտեղ մէկ օրուան մէջ մի՛ մորթէք։

29 Եւ երբ գոհութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս պէտք է մատուցանէք, որ ձեզի համար ընդունելի ըլլայ. 30 Նոյն օրը պէտք է ուտուի անիկա, անկէ մինչեւ առտու մի՛ թողուք։ Ես եմ Տէրը։

31 Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք եւ կատարէք զանոնք։ Ես եմ Տէրը։ 32 Եւ իմ սուրբ անունս մի՛ պղծէք, որպէս զի ես սրբուիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Ես եմ Տէրը, որ ձեզ կը սրբեմ, 33 Որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Տէրը»։

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՏՕՆԵՐ

23 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Տէրոջը տօները որոնք դուք սուրբ ժողով պիտի կոչէք՝ հետեւեալներն են. Վեց օր գործ կրնաք կատարել, բայց եօթներորդ օրը հանգստութեան շաբաթ ըլլալով՝ սուրբ պէտք է պահուի։ Բնաւ գործ մի՛ գործէք. Տէրոջը շաբաթ պիտի ըլլայ ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։

ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐԱՑ ՏՕՆԸ

(Թուոց 28։16-25)

Տէրոջը տօները, որոնք իրենց սահմանուած ատենին սուրբ ժողովներ պիտի գումարէք, ասոնք են։ Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ Տէրոջը զատիկն է։ Եւ նոյն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը բաղարջակերաց տօնն է Տէրոջը։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտէք։ Առաջին օրը սուրբ ժողով պիտի ունենաք. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ Եւ եօթը օր պատարագ պիտի մատուցանէք Տէրոջը. եօթներորդ օրը սուրբ ժողով պիտի ըլլայ. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք»։

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 10 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ մտնէք այն երկիրը, որ ձեզի պիտի տամ ու անոր հունձքը հնձէք, ձեր հունձքէն երախայրի որայ մը քահանային պէտք է բերէք. 11 Ան ալ Տէրոջը առջեւ երերցնելով պէտք է մատուցանէ որան, որպէս զի ձեզի համար ընդունելի ըլլայ։ Քահանան շաբաթին հետեւեալ օրը պէտք է մատուցանէ զայն։ 12 Երբ որան մատուցանէք՝ ողջակէզի համար, մէկ տարեկան անարատ գառ մըն ալ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը։ 13 Անոր հացի ընծան իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ Ասիկա անուշահոտ պատարագի համար է Տէրոջը եւ անոր թափելու նուէրը հիմէնին մէկ չորրորդը գինի պէտք է ըլլայ։ 14 Մինչեւ այն օրը, երբ ձեր Աստուծոյն ընծան կը մատուցանէք, հաց կամ բոհրած ցորեն կամ թարմ հասկեր մի՛ ուտէք. ձեր սերունդներուն մէջ եւ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ այս ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։

ՀՈՒՆՁՔԻ ՏՕՆ

(Թուոց 28։ 26-31)

15 Շաբաթին հետեւեալ օրէն՝ որ դուք նուիրման որան բերիք, լման եօթը շաբաթ պէտք է համրէք. 16 Մինչեւ եօթներորդ շաբաթին հետեւեալ օրը յիսուն օր պէտք է համրէք եւ ապա նոր հացի ընծայ մատուցանէք Տէրոջը։ 17 Ձեր բնակարաններէն՝ երերցնելու ընծայի համար երկու հաց պէտք է բերէք, որոնք երկու տասնորդ բարակ ալիւրէ ըլլալով խմորեալ եփուած պիտի ըլլան. ասիկա երախայրի է Տէրոջը։ 18 Եւ հացին հետ մէկ տարեկան եօթը հատ անարատ գառ եւ արջառներէն մէկ զուարակ ու երկու խոյ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը, որոնք հացի ընծաներուն ու թափելու նուէրներուն հետ ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ պիտի ըլլան Տէրոջը։ 19 Եւ մեղքի պատարագին համար այծերէն մէկ նոխազ եւ խաղաղութեան զոհի համար մէկ տարեկան երկու գառներ պէտք է մատուցանէք։ 20 Եւ քահանան երախայրի հացին հետ երերցնելու ընծայի համար երկու գառ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը առջեւ։ Անոնք սուրբ պիտի ըլլան Տէրոջը եւ քահանային պիտի ըլլան։ 21 Նոյն օրը պիտի քարոզէք, որ ձեզի սուրբ ժողովի օր ըլլայ. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք. ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ, ձեր սերունդներուն մէջ։

22 Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք, հնձած ատեննիդ արտին եզերքը լման մի՛ հնձէք ու հունձքին մնացած հասկերը մի՛ հաւաքէք. զանոնք աղքատին ու օտարականին թողուցէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։

ՓՈՂ ՀՆՉԵՑՆԵԼՈՒ ՕՐ

(Թուոց 29։1-6)

23 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 24 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը ձեզի հանգստութեան օր, փող հնչեցնելուն յիշատակ, սուրբ ժողովի օր թող ըլլայ։ 25 Բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք, հապա պատարագ մատուցանէք Տէրոջը»։

ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

(Թուոց 29։7-11)

26 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 27 «Նաեւ այս եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը քաւութեան օրը ըլլալով՝ սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի եւ պէտք է խոնարհեցնէք ձեր հոգիները ու պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ 28 Այն օրը բնաւ գործ պէտք չէ գործէք, վասն զի Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ ձեզի համար քաւութիւն ընելու՝ քաւութեան օր է։ 29 Քանզի ով որ նոյն օրը չխոնարհի, իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի 30 Եւ ով որ նոյն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։ 31 Բնաւ գործ մը պէտք չէ գործէք. ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ եւ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ 32 Այս ձեզի հանգստութեան շաբաթ թող ըլլայ եւ ձեր հոգիները պէտք է խոնարհեցնէք։ Ամսուան իններորդ օրուան իրիկունը ձեր շաբաթը պիտի պահէք իրիկուընէ մինչեւ իրիկուն»։

ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ ՏՕՆ

(Թուոց 29։12-40)

33 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 34 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Այս եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրէն սկսելով՝ եօթը օր տաղաւարահարաց տօն է Տէրոջը։ 35 Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պէտք է ըլլայ, բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ 36 Եօթը օր պատարագ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը եւ ութերորդ օրը սուրբ ժողով ընէք եւ պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ Տօնախմբութեան օր է այն, երբ բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ 37 Տէրոջը պատարագ, այսինքն ողջակէզ ու հացի ընծայ, զոհ եւ թափելու նուէրներ՝ ամէն օրուան պէտք եղածը մատուցանելու համար ձեր սուրբ ժողովներ կոչուած Տէրոջը տօները ասոնք են՝ 38 Տէրոջը շաբաթներէն զատ եւ ձեր ընծաներէն զատ ու ձեր բոլոր ուխտերէն զատ եւ Տէրոջը տալու ձեր կամաւոր ընծաներէն զատ, 39 Նաեւ՝ եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը՝ երկրի արդիւնքը հաւաքած ատեննիդ եօթը օր տօն պէտք է պահէք Տէրոջը։ Առաջին օրը եւ ութերորդ օրը շաբաթ պիտի սեպէք։ 40 Առաջին օրը ձեզի գեղեցիկ ծառերու պտուղ, արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր եւ ձորի ուռիներու ոստեր պէտք է առնէք ու Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ուրախանաք։ 41 Այս տօնը տարին եօթը օր պիտի պահէք Տէրոջը։ Ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ այն։ Եօթներորդ ամսուան մէջ պիտի ընէք զայն։ 42 Եօթը օր տաղաւարներու մէջ պիտի բնակիք, Իսրայէլի բոլոր բնիկները տաղաւարներու մէջ պէտք է բնակին. 43 Որպէս զի ձեր սերունդները գիտնան թէ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանած ատենս տաղաւարներու մէջ բնակեցուցի զանոնք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ 44 Այսպէս՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց թէ որո՛նք են Տէրոջը տօները։

ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ ՃՐԱԳՆԵՐՈՒ

(Ելից 27։20-21)

24 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն քեզի լոյսի համար, որպէս զի միշտ ճրագ վառի։ Վկայութեան խորանին մէջ, վկայութեան վարագոյրէն դուրս, միշտ պիտի պատրաստէ զայն՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ վառուելու համար։ Ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ Ճրագները զուտ ոսկի աշտանակի վրայ Տէրոջը առջեւ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլան։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ՀԱՑԸ

Բարակ ալիւր ա՛ռ եւ անով տասներկու շօթ եփէ՛. ամէն մէկ շօթը երկու տասնորդ պէտք է ըլլայ։ Զանոնք Տէրոջը առջեւ մաքուր սեղանին վրայ երկու կարգով դի՛ր. ամէն մէկ կարգը վեց հատ պէտք է ըլլայ։ Ամէն կարգի վրայ զուտ կնդրուկ դի՛ր, որպէս զի հացին վրայ պատարագի յիշատակ ըլլայ Տէրոջը։ Իսրայէլի որդիներուն կողմէ յաւիտենական ուխտով ամէն շաբաթ օր Տէրոջը առջեւ զանիկա պէտք է կարգադրէ։ Անիկա Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ։ Սուրբ տեղը ուտեն զանիկա, վասն զի այն՝ Տէրոջը պատարագներէն յաւիտենական կանոնով ամենասուրբ է»։

ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ ԱՐԴԱՐ ԵՒ ՈՒՂԻՂ ՊԱՏԻԺԻ

10 Եւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ Իսրայելացի կնոջ մը որդին ելաւ, որուն հայրը Եգիպտացի էր ու այն Իսրայելացի կնոջ որդին Իսրայելացի մարդու մը հետ բանակին մէջ կռուեցաւ 11 Եւ այն Իսրայելացի կնոջ որդին հայհոյեց Տէրոջը անուան ու անիծեց։ Մովսէսին բերին զանիկա։ Անոր մօրը անունը Սողոմիթ էր, Դանի ցեղէն՝ Դաբրիին աղջիկը։ 12 Բանտարկեցին զանիկա, մինչեւ որ Տէրոջը հրամանը յայտնուի իրեն։ 13 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 14 «Այն հայհոյող մարդը բանակէն դուրս հանէ եւ բոլոր լսողները ձեռքերնին անոր գլխուն վրայ թող դնեն ու բոլոր ժողովուրդը թող քարկոծեն զանիկա։ 15 Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. Ով որ իր Աստուածը անիծէ, իր մեղքը պիտի կրէ։ 16 Տէրոջը անուան հայհոյողը անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Բոլոր ժողովուրդը անշուշտ պէտք է քարկոծեն զանիկա. օտարական ըլլայ թէ բնիկ։ Տէրոջը անուան հայհոյողը պէտք է մեռցուի։

17 Ով որ մարդ մը սպաննէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։ 18 Ան որ անասուն մը կը մեռցնէ, անասունի տեղ անասուն մը պէտք է հատուցանէ։ 19 Եւ եթէ մարդ մը իր դրացիին խեղութեանը պատճառ ըլլայ, իր ըրածին պէս պէտք է ընեն իրեն. 20 Բեկման տեղ՝ բեկում, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ. ինչպէս անիկա մարդու մը խեղութիւն պատճառեր է, նոյնպէս պէտք է ըլլայ իրեն։ 21 Եւ անասուն մեռցնողը պիտի հատուցանէ զայն. բայց մարդ մեռցնողը պէտք է մեռցուի։ 22 Թէ՛ օտարականին համար եւ թէ՛ բնիկին համար՝ ձեր օրէնքը մէկ պէտք է ըլլայ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։

23 Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն, որ այն անիծող մարդը բանակէն դուրս հանեն եւ քարկոծեն զանիկա։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին։

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ

(Բ. Օր. 15։1-11)

25 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինա լեռը՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ այն երկիրը մտնէք, որ ես ձեզի պիտի տամ, թող այն երկիրը հանգստութեան շաբաթ մը պահէ Տէրոջը։ Վեց տարի քու արտդ ցանէ՛ եւ քու այգիդ վեց տարի յօտէ՛ ու անոր արդիւնքը հաւաքէ՛. Բայց եօթներորդ տարին երկրին համար հանգստութեան շաբաթ, այսինքն Տէրոջը համար շաբաթ պէտք է ըլլայ։ Քու արտդ պիտի չցանես եւ քու այգիդ պիտի չյօտես Քու արտիդ մէջ ինքնիրմէ բուսածը պէտք չէ հնձես եւ քու չյօտած այգիիդ խաղողները պէտք չէ հաւաքես. հանգստութեան տարի պէտք է ըլլայ անիկա երկրին։ Եւ երկրին շաբաթը թող կերակուր հայթայթէ քեզի եւ քու ծառայիդ եւ քու աղախինիդ ու քու վարձկանիդ եւ քու քովդ պանդխտացած օտարականին Եւ քու անասուններուդ ու քու երկրիդ մէջ եղած կենդանիներուն կերակուր թող ըլլայ անոր բոլոր արդիւնքը։

ՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ

Դուն տարիներու եօթը շաբաթ համրէ, այսինքն եօթը անգամ եօթը տարի, այնպէս որ տարիներուն եօթը շաբաթներուն ժամանակը քառասունըինը տարի թող ըլլայ։ Ապա եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնես, քաւութեան օրը ձեր բոլոր երկրին մէջ պէտք է հնչեցնէք փողը։ 10 Եւ յիսուներորդ տարին պիտի սրբէք ու երկրի վրայ անոր բոլոր բնակիչներուն համար ազատութիւն պէտք է քարոզէք։ Ասիկա ձեզի Յոբելեան տարի պէտք է ըլլայ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ստացուածքին թող դառնայ ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ազգատոհմին թող դառնայ։ 11 Այս յիսուներորդ տարին Յոբելեան տարի թող ըլլայ ձեզի։ Ո՛չ պիտի ցանէք ո՛չ ալ ինքնիրմէ բուսածը պիտի հնձէք եւ ձեր չյօտած այգիէն պիտի չհաւաքէք. 12 Վասն զի Յոբելեան տարի է։ Այն սուրբ պիտի ըլլայ։ Արտէն՝ անոր արդիւնքը կրնաք ուտել։

13 Այս Յոբելեան տարին իւրաքանչիւրը իր ստացուածքին թող դառնայ։ 14 Եւ եթէ քու դրացիիդ բան մը ծախելու ըլլաս, կամ քու դրացիիդ ձեռքէն ծախու առնելու ըլլաս, անիրաւութիւն մի՛ ընէք։ 15 Յոբելեան տարիէն ետքը եղած տարիներուն հաշիւովը ծախու առնես քու դրացիէդ, անիկա ալ հունձքին տարիներուն հաշիւովը պէտք է ծախէ քեզի։ 16 Տարիներուն շատութեանը նայելով պէտք է աւելցնես անոր գինը եւ տարիներուն նուազութեանը նայելով պէտք է պակսեցնես անոր գինը. վասն զի անիկա հունձքին հաշիւովը կը ծախէ քեզի։ 17 Իրարու անիրաւութիւն մի՛ ընէք, այլ Աստուծմէ վախցէք. քանզի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՐՑԸ

18 Ուստի իմ կանոններս պէտք է կատարէք եւ կարգադրութիւններս պահէք ու գործադրէք զանոնք. այն ատեն այն երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ 19 Երկիրը իր պտուղը պիտի տայ ու մինչեւ յագենաք պիտի ուտէք եւ անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ 20 Եւ եթէ ըսէք՝ ‘Եօթներորդ տարին ի՞նչ պիտի ուտենք եթէ չցանենք ու մեր հունձքը չհաւաքենք’։ 21 Վեցերորդ տարին ձեր վրայ պիտի ղրկեմ իմ օրհնութիւնս, այնպէս որ երեք տարուան արդիւնք պիտի տայ։ 22 Եւ մինչեւ որ ութերորդ տարին ցանէք, հին հունձքէն պիտի ուտէք մինչեւ իններորդ տարին։ Մինչեւ նոր հունձքին հասնիլը հինէն պիտի ուտէք։

ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՈՒՄ

23 Երկիրը պէտք չէ մշտնջենապէս ծախուի, վասն զի երկիրը իմս է ու դուք իմ քովս պանդուխտներ եւ հիւրեր էք։ 24 Եւ ձեզի պատկանած բոլոր երկրին մէջ փրկագին պիտի տաք երկրին համար։

25 Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ եւ իր ստացուածքին մէկ մասը ծախէ ու յետոյ եթէ անոր մէկ ազգականը ուզէ, կրնայ եղբօրդ ծախածը փրկել։ 26 Եթէ մէկը փրկող մը չունենայ, բայց ինք անձամբ կարողանայ փրկել 27 Այն ատեն ծախուած օրէն թող հաշուէ տարիները եւ աւելցածը ետ տայ այն մարդուն, որուն ծախած էր եւ իր ստացուածքը առնէ։ 28 Բայց եթէ անոր ետ տալու կարող չէ, այն ատեն իր ծախած բանը ծախու առնողին ձեռքը պէտք է մնայ մինչեւ Յոբելեան տարին։ Յոբելեան տարին գնողը պիտի ելլէ ու ծախողը իր ստացուածքին պէտք է տիրանայ։

29 Եթէ մէկը պարսպապատ քաղաքի մը մէջ բնակարան մը ծախէ, ծախելէն վերջ տարուան մը ընթացքին գինը վճարելով կրնայ ետ առնել։ 30 Եթէ մէկ տարուան ընթացքին չկարենայ վճարելով ետ առնել, այն ատեն պարսպապատ քաղաքին մէջ եղած բնակարանը ծախու առնողին եւ իր սերունդին պիտի մնայ։ Յոբելեան տարին այդ տունը ետ պիտի չտրուի։ 31 Բայց պարսպապատ չեղող գիւղաքաղաքներուն տուները երկրին արտերուն պէս պիտի սեպուին։ Անոնք կրնան փրկուիլ եւ Յոբելեան տարին պէտք է վերադարձուին։ 32 Սակայն Ղեւտացիներու քաղաքներուն մէջ իրենց սեփական քաղաքներուն մէջի իրենց տուները Ղեւտացին կրնայ ոեւէ ատեն գինը վճարելով ետ առնել։ 33 Եթէ Ղեւտացի մը այդ գործառնութիւնը չկատարէ, այն ատեն Յոբելեան տարին իրենց սեփական քաղաքին մէջ ծախուած տունը պէտք է վերադարձուի. 34 Քանզի Ղեւտացիներու քաղաքին մէջ գտնուած տունը իրենց սեփականութիւն ընդունուած է։

ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒՆ ՓՈԽԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

35 Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ ու չկարենայ ինքզինքը հոգալ քու քովդ, անոր պէտք է օգնես օտարականի ու պանդուխտի պէս, որպէս զի քու քովդ ապրի։ 36 Անկէ վաշխ ու տոկոս մի՛ առներ, հապա քու Աստուծմէդ վախցիր, որպէս զի եղբայրդ քու քովդ ապրի։ 37 Քու ստակդ վաշխով մի՛ տար անոր եւ քու կերակուրդ շահու համար մի՛ տար։ 38 Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ Քանանի երկիրը ձեզի տալու համար եւ ձեզի Աստուած ըլլալու համար։

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ

39 Եթէ եղբայրդ աղքատանայ ու ինքզինք քեզի ծախէ, զանիկա ծառայի մը պէս մի՛ գործածեր. 40 Անիկա քու քովդ վարձկանի կամ պանդուխտի պէս թող ըլլայ ու ծառայէ քեզի մինչեւ Յոբելեան տարին։ 41 Եւ այն ատեն քու քովէդ պէտք է ելլէ ինք ալ ու իր որդիներն ալ իրեն հետ եւ իր ընտանիքին թող երթայ ու իր հայրերուն կալուածը դառնայ։ 42 Քանզի անոնք իմ ծառաներս են, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Անոնք ծառայի պէս թող չծախուին։ 43 Խստութեամբ մի՛ իշխեր անոր վրայ, հապա քու Աստուծմէդ վախցի՛ր։ 44 Քու ծառադ ու աղախինդ ձեր բոլորտիքը եղած ազգերէն պէտք է ըլլան։ Ծառայ ու աղախին անոնցմէ կրնաք ծախու առնել։ 45 Նաեւ ձեր քով բնակող օտարականներուն զաւակներէն կամ անոնցմէ եւ կամ ձեր քով եղող անոնց ընտանիքներէն որոնք ձեր երկիրը ծնած են՝ կրնաք ծախու առնել, որպէս զի ձեր ստացուածքը ըլլան. 46 Ձեզմէ ետքը ձեր որդիներուն կտակեցէք զանոնք իբր ժառանգութեան ստացուածք, որպէս զի միշտ ձեր ծառաները ըլլան. բայց ձեր եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն, համար՝ իրարու վրայ խստութեամբ մի՛ իշխէք։

47 Եթէ քու քովդ եղած օտարականը կամ պանդուխտը հարստանայ ու անոր քով բնակող քու եղբայրդ աղքատանայ, ինքզինք ծախէ քու քովդ պանդխտացած օտարականին, կամ այն օտարականին ընտանիքին մէկ ազգականին, եթէ 48 Ինքզինք ծախելէն ետքը ուզէ փրկուիլ. իր եղբայրներէն մէկը կրնայ զինք ծախու առնողէն փրկել զանիկա. 49 Անոր հօրեղբայրը կամ հօրեղբօրորդին կրնայ փրկել զանիկա, կամ իր ազգատոհմէն կամ իր ազգականներէն մէկը կրնայ փրկել զանիկա. կամ եթէ կարողանայ ինք, ինքզինք կրնայ փրկել։ 50 Անիկա, ծախու առնողին հետ, ինքզինք անոր ծախած տարիէն մինչեւ Յոբելեան տարին հաշիւ թող ընէ եւ իր փրկուելուն ստակը տարիներուն հաշիւովը թող վճարէ։ Անոր ժամանակը վարձկանի ժամանակին պէս պէտք է հաշուըուի։ 51 Եթէ տակաւին շատ տարի կայ, տարիներու թիւին նայելով՝ իր ծախուած գինէն պէտք է վերադարձնէ փրկագինը 52 Եւ եթէ Յոբելեան տարիին քիչ տարի մնացեր է, անոր հետ հաշիւ թող ընէ ու իր տարիներուն թիւին համեմատ իր փրկագինը պէտք է անոր տայ։ 53 Ինք անոր քով տակաւին վարձկանի պէս պիտի սեպուի ու գնողն ալ խստութեամբ պէտք չէ իշխէ անոր վրայ։ 54 Եւ եթէ այս կերպերով չփրկուի, Յոբելեան տարին ինք ալ ու իր որդիներն ալ իրեն հետ պէտք է ազատուին։ 55 Վասն զի Իսրայէլի որդիները իմ ծառաներս են. Եգիպտոսի երկրէն իմ հանած ծառաներս են անոնք. ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

(Բ. Օր. 7։12-24, 28։1-14)

26 1 «Դուք ձեզի չաստուածներ ու կուռքեր մի՛ շինէք եւ ձեզի արձաններ մի՛ կանգնեցնէք եւ ձեր երկրին մէջ պատկերաւոր կոթող մի՛ դնէք՝ անոր երկրպագութիւն ընելու համար. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

Իմ շաբաթներս պէտք է պահէք ու իմ սրբարանս յարգէք։ Ես եմ Տէրը։

Եթէ իմ կանոններովս քալէք եւ իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք գործադրէք, Ես ալ ձեզի անձրեւը ատենին պիտի տամ եւ երկիրը իր հունձքը պիտի տայ ու դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան Եւ ձեր կալը մինչեւ այգեկութքը պիտի հասնի ու այգեկութքը մինչեւ ցանելու ժամանակը հասնի եւ ձեր հացը կուշտ պիտի ուտէք ու ձեր երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ Եւ խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին ու հանգիստ պիտի պառկիք եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ ու երկրին չար գազանները պիտի հատցնեմ եւ ձեր երկրէն սուր պիտի չանցնի։ Եւ ձեր թշնամիները պիտի հալածէք ու անոնք սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։ Եւ ձեզմէ հինգ հոգին հարիւրաւորը պիտի հալածէ եւ ձեզմէ հարիւր հոգին բիւրաւորը պիտի հալածէ ու ձեր թշնամիները սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։ Եւ ձեզի պիտի նայիմ ու ձեզ աճեցնեմ եւ շատցնեմ ու ձեզի հետ իմ ուխտս հաստատեմ։ 10 Եւ հին պաշարը պիտի ուտէք ու նորին տեղ ընելու համար հինը դուրս պիտի հանէք։ 11 Եւ իմ խորանս ձեր մէջ պիտի դնեմ ու իմ Հոգիս ձեզմէ պիտի չզզուի 12 Եւ ձեր մէջ պիտի քալեմ ու ձեզի Աստուած ըլլամ եւ դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք։ 13 Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանեցի, որպէս զի անոնց ծառայ չըլլաք ու ձեր լուծին կապերը խորտակեցի եւ ձեզ բարձրագլուխ քալեցուցի։

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻԺԸ

(Բ. Օր. 28։15-68)

14 Բայց եթէ ինծի մտիկ չընէք ու բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք 15 Եւ իմ կանոններս անարգէք ու ձեր հոգին իմ կարգադրութիւններէս զզուի, այնպէս որ իմ բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք ու իմ ուխտս աւրէք, 16 Ես ալ ձեզի այդպէս պիտի ընեմ՝ այսինքն ձեր վրայ աչք փճացնող եւ սիրտ մարեցնող վախ, ծիւրական ախտ ու հրատագնապ տենդ պիտի ղրկեմ եւ ձեր սերմը պարապ տեղ պիտի սերմանէք. վասն զի ձեր թշնամիները պիտի ուտեն զայն. 17 Եւ իմ երեսս ձեր վրայ պիտի տնկեմ ու ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի սպաննուիք. ձեզ ատողները պիտի իշխեն ձեր վրայ ու առանց հալածուելու պիտի փախչիք։ 18 Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, այն ատեն ձեր մեղքերուն համար ձեզ եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ։ 19 Եւ ձեր զօրութեան հպարտութիւնը պիտի խորտակեմ ու ձեր երկինքը երկաթի պէս եւ ձեր երկիրը պղնձի պէս պիտի ընեմ։ 20 Եւ ձեր ոյժը պարապ տեղ պիտի հատնի ու ձեր երկիրը իր արդիւնքը պիտի չտայ եւ երկրին ծառերը իրենց պտուղը պիտի չտան։

21 Եւ եթէ դուք ինծի հակառակ երթաք ու չուզէք ինծի մտիկ ընել, այն ատեն ձեր մեղքերուն համեմատ եօթնապատիկ պատուհաս պիտի բերեմ ձեր վրայ։ 22 Եւ ձեր վրայ դաշտի գազաններ պիտի ղրկեմ, որոնք ձեզ անզաւակ պիտի ընեն ու ձեր անասունները ջարդեն եւ ձեզ պիտի քիչցնեն ու ձեր ճամբաները անապատ պիտի դառնան։ 23 Եւ եթէ ասոնցմով ալ չխրատուիք ու ինծի հակառակ երթաք, 24 Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ եւ ես ալ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ։ 25 Եւ ձեր վրայ ուխտիս վրէժը առնող սուրը պիտի ղրկեմ ու ձեր քաղաքներուն մէջ պիտի հաւաքուիք եւ ձեր մէջ ժանտախտ պիտի ղրկեմ ու թշնամիին ձեռքը պիտի մատնուիք։ 26 Ձեր հացին ցուպը կոտրած ատենս, տասը կին մէկ թոնիրի մէջ պիտի եփեն ձեր հացը եւ ձեր հացը կշռելով պիտի տրուի ձեզի ու պիտի ուտէք եւ կշտանաք։

27 Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, հապա հակառակ երթաք ինծի, 28 Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ բարկութեամբ եւ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ 29 Եւ ձեր տղաքներուն միսը պիտի ուտէք ու ձեր աղջիկներուն միսը պիտի ուտէք։ 30 Եւ ձեր բարձր տեղերը պիտի աւերեմ ու ձեր արեգակի կուռքերը կոտրտեմ եւ ձեր դիակները ձեր կուռքերուն դիակներուն վրայ պիտի դնեմ ու իմ հոգիս ձեզմէ պիտի զզուի։ 31 Եւ ձեր քաղաքները՝ աւերակ ու ձեր սուրբ տեղերը ամայի պիտի ընեմ եւ ձեր անոյշ հոտը պիտի չհոտուըտամ։ 32 Եւ այն երկիրը ամայի պիտի ընեմ, որպէս զի հոն բնակող ձեր թշնամիները զարմանան անոր վրայ։ 33 Եւ ձեզ ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ ու ձեր ետեւէն սուր պիտի քաշեմ եւ ձեր երկիրը ամայի պիտի ըլլայ ու ձեր քաղաքները՝ աւերակ։ 34 Այն ատեն երկիրը իր ամայութեան բոլոր օրերը իր շաբաթները պիտի վայելէ, երբ դուք ձեր թշնամիին երկրին մէջ ըլլաք. երկիրը այն ատեն հանգիստ ըլլալով՝ իր շաբաթները պիտի վայելէ. 35 Իր ամայութեան բոլոր օրերը պիտի հանգստանայ. քանզի ձեր շաբաթներուն մէջ չէր հանգստանար, երբ անոր վրայ կը բնակէիք։ 36 Եւ ձեզմէ ողջ մնացածներուն սրտին դող պիտի բերեմ իրենց թշնամիներուն երկիրներուն մէջ ու հովէն քշուած տերեւին ձայնը պիտի հալածէ զանոնք եւ սուրի բերնէ փախչելու պէս պիտի փախչին անոնք ու առանց հալածուելու պիտի իյնան։ 37 Առանց հալածուելու՝ սուրի երեսէ փախչելու պէս իրարու վրայ պիտի իյնան եւ պիտի չկրնաք ձեր թշնամիներուն առջեւ կայնիլ։ 38 Եւ ազգերուն մէջ պիտի կորսուիք ու ձեր թշնամիներուն երկիրը ձեզ պիտի ուտէ։ 39 Եւ ձեզմէ մնացածները իրենց անօրէնութիւնովը պիտի հալին ձեր թշնամիներուն երկիրներուն մէջ. նաեւ իրենց հայրերուն անօրէնութիւններովը մէկտեղ պիտի հալին։

40 Եւ եթէ խոստովանին իրենց անօրէնութիւնն ու հայրերնուն անօրէնութիւնը՝ ինծի դէմ գործած իրենց յանցանքներովը եւ իրենց ինծի հակառակ երթալը։ 41 Ու նաեւ իմ անոնց հակառակ երթալս ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրը բերելս. եթէ այն ատեն իրենց անթլփատ սիրտը խոնարհի եւ իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ ընդունին, 42 Այն ատեն պիտի յիշեմ Յակոբին հետ ըրած ուխտս, նաեւ Իսահակին հետ ըրած ուխտս եւ Աբրահամին հետ ըրած ուխտս ալ պիտի յիշեմ ու այն երկիրն ալ պիտի յիշեմ։

43 Եւ յիրաւի այն երկիրը պիտի լքուի անոնցմէ ու իր շաբաթները պիտի վայելէ, քանի որ անոնցմէ ամայի պիտի մնայ եւ անոնք իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ պիտի ընդունին. քանզի իմ կարգադրութիւններս անարգեցին ու անոնց հոգիները իմ կանոններէս զզուեցան։ 44 Ամէն պարագայի երբ իրենց թշնամիներուն երկիրը ըլլան, զանոնք պիտի չմերժեմ եւ զանոնք բոլորովին կորսնցնելու ու անոնց հետ ըրած ուխտս ջնջելու չափ պիտի չզզուիմ անոնցմէ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ անոնց Աստուածը։ 45 Բայց անոնց համար պիտի յիշեմ իրենց նախնիքներուն ուխտը, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ ազգերուն առջեւ անոնց Աստուած ըլլալու համար։ Ես եմ Տէրը»։

46 Ասոնք են այն կանոնները եւ կարգադրութիւններն ու օրէնքները, որոնք Տէրը տուաւ իր ու Իսրայէլի որդիներուն՝ Սինա լեռը՝ Մովսէսին միջոցով։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

27 1 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ մէկը ուխտ ընելու ըլլայ, անձերուն գինը քու գնահատածիդ պէս՝ Տէրոջը պէտք է ըլլայ։ Եւ քու որոշած գինդ այսպէս պիտի ըլլայ՝ Քսան տարեկանէն մինչեւ վաթսուն տարեկան եղող արուին որոշուած գինը, սրբարանին սիկղին համեմատ, յիսուն սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ Եւ եթէ էգ է, քու որոշած գինդ երեսուն սիկղ պէտք է ըլլայ։ Եւ եթէ հինգ տարեկանէն մինչեւ քսան տարեկան է, այն ատեն արուին համար քու որոշած գինդ՝ քսան սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։ Եւ եթէ մէկ ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան ըլլայ, այն ատեն արուին համար որոշած գինդ՝ հինգ սիկղ արծաթ ու էգին համար որոշած գինդ երեք սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ։ Եւ եթէ վաթսուն տարեկանէն վեր ըլլայ, արուին համար քու որոշած գինդ՝ տասնըհինգ սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։ Եւ եթէ քու որոշած գինդ անոր կարողութենէն վեր ըլլայ, անիկա քահանային առջեւ պիտի ելլէ ու անոր գինը քահանան թող որոշէ։ Քահանան ուխտ ընողին կարողութեանը նայելով՝ անոր գինը թող որոշէ։

Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անասուններէն է, անոնցմէ ինչ որ Տէրոջը տայ, սուրբ պիտի ըլլայ 10 Ինք թող չփոխէ զայն, աղէկը՝ գէշին հետ կամ գէշը աղէկին հետ թող չփոխէ եւ եթէ անասունը անասունի հետ փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ընծայուածը ու անոր հետ փոխուածը սուրբ թող ըլլայ։ 11 Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անյարմար անմաքուր անասուններէն ըլլայ, այն ատեն քահանային առջեւ թող հանէ այն անասունը 12 Ու քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ թող գին որոշէ. քահանան ինչ գին որ որոշէ, այնպէս թող ըլլայ։ 13 Իսկ եթէ զանիկա ազատելու ըլլայ, այն ատեն որոշուած գնին վրայ մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։

14 Ու երբ մարդ մը իր տունը Տէրոջը սուրբ ըլլալու համար ընծայէ, այն ատեն քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ գին թող որոշէ. քահանան անոր ինչ գին որ որոշէ, այնպէս պէտք է ըլլայ։ 15 Եթէ ընծայողը տունը ետ առնել ուզէ, որոշուած գնին մէկ հինգերորդը պէտք է աւելցնէ, որ կարենայ տունը առնել։

16 Եւ եթէ մարդ մը իր սեփական արտէն ընծայելու ըլլայ Տէրոջը, այն ատեն քու որոշած գինդ անոր սերմին համեմատ պէտք է ըլլայ. մէկ քոռ գարիի սերմին համար՝ յիսուն սիկղ արծաթ։ 17 Եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ընծայէ, քու որոշած գնիդ պէս թող մնայ։ 18 Եւ եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ետքը ընծայէ, քահանան անոր հետ՝ ստակը մինչեւ Յոբելեան տարիին մնացած տարիները՝ հաշիւ ընելով՝ քու որոշած գնէդ վար պէտք է իջեցնէ։ 19 Իսկ եթէ արտը ընծայողը ուզէ ետ առնել, այն ատեն քու որոշած գնիդ ստակին վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ ու այն արտը իրեն փոխանցուի։ 20 Եւ եթէ արտը ետ չառնէ, կամ արտը ուրիշի մը ծախած ըլլայ, պիտի չկրնայ ետ առնել. 21 Հապա երբ արտը Յոբելեան տարիին մէջ դառնայ, նուիրուած արտի պէս սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ան քահանային կալուածը պիտի ըլլայ։

22 Եւ եթէ մէկը Տէրոջը ընծայէ իր ծախու առած արտը, որ իր սեփական արտէն չէ, 23 Այն ատեն քահանան անոր հետ քու որոշած գնիդ հաշիւը թող ընէ մինչեւ Յոբելեան տարին եւ այն օրը քու որոշած գինդ սուրբ բանի պէս պէտք է տայ Տէրոջը։ 24 Յոբելեան տարին, արտը՝ ծախողին, այսինքն որու որ կը վերաբերէր գետինը, անոր պիտի դառնայ։ 25 Եւ քու բոլոր որոշած գիներդ սրբարանին սիկղին համեմատ պէտք է որոշուած ըլլան. սիկղը քսան կերատ հաշուելով։

26 Միայն թէ անասուններուն անդրանիկը, ամենէն առաջ ծնած ըլլալուն Տէրոջը ըլլալով, մէկը պէտք չէ ընծայէ զայն. արջառ ըլլայ թէ ոչխար, ան Տէրոջն է։ 27 Եւ եթէ անմաքուր անասուններէն է, քու որոշած գնիդ համեմատ կրնայ ետ առնել զայն, բայց վրան մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։ Եթէ ետ առնել չուզէ՝ քու որոշած գնովդ թող ծախուի։

28 Բայց մարդու մը՝ իր բոլոր ունեցած մարդոցմէն եւ անասուններէն ու իր կալուածքին արտէն՝ Տէրոջը նուիրածը պիտի չծախուի ու չփրկուի. ամէն նուէր սուրբ է Տէրոջը։ 29 Մարդոցմէ նուիրուած նուէր մը բնաւ պիտի չփրկուի, հապա անշուշտ պիտի մեռցուի։

30 Երկրին բոլոր տասանորդը՝ թէ՛ երկրին հունտերէն, թէ՛ ծառերուն պտուղէն՝ Տէրոջն է. անիկա սուրբ է Տէրոջը։ 31 Եւ եթէ մարդ մը իր տասանորդներէն մաս մը ետ առնել ուզէ, անոր վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ։ 32 Եւ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդը, գաւազանին տակէն անցնողին տասանորդը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ 33 Աղէկին ու գէշին մէջտեղ տարբերութիւն պէտք չէ դնէ ու չփոխէ զայն եւ եթէ երբեք փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ալ, անոր հետ փոխանակուածն ալ սուրբ պիտի ըլլայ, որ ետ պիտի չառնուի»։